Անձնաթուղթի անունով՝ Պետրոս Գալայճեան: Հասարակութեան ծանօթ է Պէպօ Սիմոնեան գրական անունով (Սիմոնեան եղած է տոհմին մականունը՝ նախահայր Սիմոնի անունով․ հօրական կողմի ազգականները պահպանած են Սիմոնեան մականունը): Ծնած է 1937-ին՝ Աղեքսանտրէթ նաւահանգիստը (Սուրիա)՝ Տիգրան եւ Ովսաննա Գալայճեաններու յարկին տակ: Աղեքսանտրէթի Սանճագին պարպումով եւ Թուրքիոյ կցումով, երկու տարեկանին ընտանիքին հետ հաստատուած է Լիբանան: Եղած են երկու եղբայր եւ երկու քոյր՝ Պետրոս, Գրիգոր, Լուսին եւ Մարի։ Նախակրթութիւնն ստացած է Պէյրութի Ազգային Սահակ-Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ: Վկայուած է Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժանմունքի հայագիտութեան ճիւղէն։[i] Միաժամանակ հետեւած է Բարձրագոյն Ուսումնասիրութեանց Կեդրոնի (Centre d’Études Supérieurs) ֆրանսերէնի եւ ֆրանսական գրականութեան դասընթացներուն:
Մուտք գործած է ուսուցչական ասպարէզ պաշտօնավարելով Սահակեան Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ 1957-1963-ին: Ապա եղած է կրթական մշակ հետեւեալ կրթարաններուն մէջ. Նոր Բարձրագոյն Վարժարան՝ 1963-1965-ին, Սահակեան Բարձրագոյն Վարժարան եւ Ազգային Ռուբինեան Վարժարան՝ 1965-1966-ին:
1965-ին ամուսնացած է եւ ընտանիք կազմած համալսարանական բարձրագոյն ուսմամբ օժտուած մտաւորական հայուհիի մը՝ Ազատուհի Սաչեանի հետ: Ընտանիքը բաղդաւորուած է երկու մանչ զաւակներով՝ Տիգրան եւ Ռազմիկ, որոնք իրենց կարգին ստացած են համալսարանական մասնագիտական ուսում եւ կազմած իրենց ընտանիքները:
1966-ին հրաւիրուած է Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարելու: Տասնամեակ մը ետք կոչուած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութեան, զոր վարած է 20 տարի: 1976-1978 եւ 1994-1996 տարիներուն մաս կազմած է Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական Խորհուրդին: 1995-2001-ին եղած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պօղոս Գ․ Կարմիրեան Միջնակարգ Վարժարանին մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան այցելու ուսուցիչ, 1996-1997-ին՝ համակարգող հայկական նիւթերու, նոյն պաշտօնով Հ. Բ. Ը. Մ.ի երեք վարժարաններու մէջ՝ 1998-1999-ին: 1992-1994-ին արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւն դասախօսած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին մէջ: Զեկոյցներով հանդէս եկած է ուսումնական հարցերու նուիրուած սեմինարներու եւ համագումարներու մէջ:
Կրթականի կողքին նուիրուած է հասարակական գործունէութեան՝ տասնամեակ մը վարելով Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետութիւնը, միաժամանակ մաս կազմելով Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ Մարմինին եւ Կեդրոնական Վարչութեան:
Աշխատակցած է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին, «Հիւսիսեան Հայագիտական Հանդէս»ին, «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»ին, «Բագին» գրական ամսագիրին: Խմբագրութեան անդամ եւ աշխատակից եղած է «Արարատ Գրական», պարբերաթերթին, «Արարատ» օրաթերթին, «Շիրակ» ամսագրին եւ «Կամար» անկախ պարբերաթերթին: Տարիներ շարունակ խմբագրած է «Արարատ» օրաթերթի արուեստի, գրականութեան եւ մշակոյթի էջերը: Գրական եւ մշակութային յօդուածներով ու ստեղծագործութիւններով աշխատակցած է նաեւ Ժիրայր Նայիրիի[ii] խմբագրած ու հրատարակած «Նայիրի» երկշաբաթաթերթին եւ «Զարթօնք» օրաթերթին:
1969-ին Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակի հայրենական հանդիսութիւններու սփիւռքահայ հիւրերէն էր: 1971-ին հրաւիրուած է Հայաստանի Գրողների Միութեան Զ. համագումարին:
Կանուխ տարիքէն հանդէս եկած է բանաստեղծութիւններով, որոնք տպուած են հետեւեալ հատորներուն մէջ. «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու Առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981, Երեւան, Սփիւռքահայ Գրողների Մատենաշար), «Ծառին Ճիչը» (1991), «Միջերկրականի Լոյսերուն Դիմաց» (2004, «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»ի մատենաշար): Ազգային, կրթական, ընկերային բնոյթի յօդուածներով եւ գեղարուեստական արձակ էջերով աշխատակցած է լիբանանահայ մամուլին: Գրականագիտական բնոյթով առաջին գիրքը եղած է, Հայաստանի գրողներու Ե. համագումարին առթիւ, «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. Համագումարի Սեմին» (1966) գիրքը: Ընկերային հարցեր շօշափած է «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» (1994) հատորին մէջ: Իր կրթական եւ մանկավարժական յօդուածներու ընտրանին՝ «Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն», հրատարակուած է 1996-ին: Արձակ էջերը ամփոփուած են «Ծուէն Ծուէն Երիզներ» (1981), «Մայրիներու Արմատները» (1986), «Ակնթարթներ Մարդու Եւ Կեանքի Առօրեայէն» (2012) հատորներուն մէջ:
2007-ին եւ 2009-ին յաջորդաբար լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի գրականագիտական գրութիւններու հաւահաւաքը՝ «Էջեր Եւ Նիւթեր Գրականութեան» խորագիրով (Ա. եւ Բ. հատորներ):
Յետմահու լոյս տեսած են երկու գիրքեր՝ բանաստեղծութիւններու «Գմբէթ Արեգ» (2015) տաղարանը եւ արձակ էջերու ու գրականագիտական յօդուածներու «Գրականութեան Ճամբուն Վրայ» (2016) ժողովածուն:
1995-ին պարգեւատրուած է Ռուբէն Սեւակի անուան «Վերածնունդ» մրցանակով՝ առ ի գնահատութիւն Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճէն ներս հիմնած Ռուբէն Սեւակի անուան մատենադարանին եւ Ռուբէն Սեւակի գրականութեան նուիրուած իր աշխատասիրութիւններուն:
2002-ին, Հայաստան-Սփիւռք գրողներու համագումարին առիթով պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: 2005-ին արժանացած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին: Իր գրական հարուստ ժառանգութեան համար 2008-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողների Միութեան մետալով: 2009-ին, իր կրթական 44 տարիներու ծառայութեան իբրեւ գնահատանք պարգեւատրուած է Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան գնահատագիրով եւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլեյմանի շքանշանով: 2012-ին արժանացած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակին՝ իր «Ակնթարթներ Մարդու Եւ Կեանքի Առօրեայէն» հատորին համար: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ 2013-ին պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով: Յետմահու, 2015-ի Յունիսին, Քսան կախաղաններու նահատակութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, Ս. Դ. Հ. Կ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Պէպօ Սիմոնեանին շնորհած է «Փարամազ» ոսկի մետալը առ ի գնահատութիւն անոր ազգային, հասարակական, մշակութային, կրթական ու գրական հարուստ եւ բեղուն վաստակին:
Պէպօ Սիմոնեան 1992-էն սկսեալ անդամ էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»ի դատակազմին, որուն ատենապետութիւնը վարեց մինչեւ իր կեանքին վերջը: Անդամ էր Հայրենիքի եւ սփիւռքի գրողները համախմբող Գրողների Համահայկական Միութեան, հիմնադիր անդամ Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումին եւ անոր եռանդամ քարտուղարութեան:
[i] Համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնին մէջ Պէպօ Սիմոնեան հետեւած է երկու դասընթացքներու․ 1․ Հին եւ միջնադարեան մատենագիտութիւն, արժանացած է վկայագիրի՝ «բաւական լաւ յիշատակութեամբ», 2․ Հայ լեզուաբանութիւն, արժանացած է վկայագիրի՝ «լաւ յիշատակութեամբ» (ստորագրութիւն՝ Դիւան Հայագիտութեան ամպիոնի, «Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի հայագիտկն․ քննութեանց արդիւնքները», «Զարթօնք» օրաթերթ, Պէյրութ, 17 Յուլիս 1959, էջ 4)։
[ii] Ժիրայր Նայիրի (Թոսունեան, 1929-2013) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր։ 1957-1994-ին՝ «Արարատ» օրաթերթի, 1996-էն մինչեւ մահը՝ «Նայիրի» պարբերաթերթի խմբագիր։ Բազմիցս ընտրուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, 1987-1990-ին՝ անոր ատենապետ, 1995-էն՝ փոխանդամ։