Անձնաթուղթի անունով Պետրոս Գալայճեան։ Հասարակութեան ծանօթ գրական անունով՝ Պէպօ Սիմոնեան։ Ծնած է 1937-ին Ալեքսանտրէթ (Թուրքիա) երկու տարեկանին Սանճագի պարպումով՝ հաստատուած Լիբանան։ Նախակրթական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ազգային Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանին մէջ իսկ երկրորդական ուսումը Նշան Փալանճեան
Ճեմարանի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ։ Վկայուած է Սէն Ժօզէֆ համալսարանի Արեւելագիտական ֆաքիւլթէյի հայագիտական ճիւղէն։ Միաժամանակ հետեւած է Centre dˇEtudes Supérieurs-ի ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներուն։
Մուտք գործած է ուսուցչական ասպարէզ պաշտօնավարելով Սահակեան Բարձրագոյն Վարժարանէն ներս 1957–1963, Նոր Բարձրագոյն Վարժարան 1963–1965 եւ Սահակեան Բարձրագոյն Վարժարան եւ Ռուբինեան Վարժարաններ 1965–1966։
1965-ին ամուսնացած է եւ ընտանիք կազմած համալսարանական բարձրագոյն ուսմամբ օժտուած մտաւորական հայուհիի մը հետ՝ Ազատուհի Սաչեան։ Ընտանիքը բաղդաւորուած է երկու մանչ զաւակներով՝ Տիգրան եւ Ռազմիկ, որոնք իրենց կարգին ստացած են համալսարանական մասնագիտական ուսում եւ կազմած իրենց ընտանիքները։
1966-ին հրաւիրուած է Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարելու։ Տասնամեակ մը ետք կոչուած է տնօրէնութեան պաշտօնը վարելու Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի որուն տնօրէնութիւնը վարած է 20 տարիներ։ Մաս կազմած է Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին 1976 եւ 1994 տարիներու ընթացքին։ 1995–2001 եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պօղոս Կարմիրեան Միջնակարգ Վարժարանի մէջ լեզուի եւ գրականութեան այցելու ուսուցիչ եւ համակարգող հայկական նիւթերու 1996 –1997 ու նոյն պաշտօնով 1998–1999 Հ.Բ.Ը.Մ.ի երեք Վարժարաններուն։ 1992–1994 թուականներուն դասախօսած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հիւսիսեան հայագիտական ամպիոնէն ներս՝ Արեւմտահայ եւ Սփիւռքահայ գրականութիւն։ Զեկոյցներով հանդէս եկած է ուսումնական հարցերու նուիրուած սէմինարներու եւ համագումարներու։
Կրթականի կողքին նուիրուած է հասարակական գործունէութեան վարելով տասնամեակ մը Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետութիւնը, մաս կազմելով միաժամանակ Ս.Դ.Հ.Կ.ի Լիբանանի Վարիչ Մարմնի եւ Կեդրոնական Վարչութեան։
Աշխատակցած է «Հայկազեան» հայագիտական Հանդէսին, «Հիւսիսեան» հայագիտական հանդէսին, «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքին, «Բագին» գրական ամսագրին։ Խմբագրութեան անդամ եւ աշխատակից եղած է «Արարատ Գրական»-ի, «Արարատ» օրաթերթի, «Շիրակ» ամսագրի եւ «Կամար» անկախ պարբերաթերթի։ Տարիներ շարունակ խմբագրած է «Արարատ» օրաթերթի արուեստի, գրականութեան եւ մշակոյթի էջերը։ Աշխատակցած է նաեւ «Նայիրի» երկշաբաթերթին եւ Զարթօնք օրաթերթին գրական եւ մշակութային յօդուածներով եւ ստեղծագործութիւններով։
1969-ին Յովհաննէս Թումանեանի 100 ամեակի սփիւռքահայ հիւրերէն էր։ Իսկ 1971-ին հրաւիրուած է Հայաստանի Գրողներու Զ. համագումարին։
Կանուխ տարիքէն հանդէս եկած է բանաստեղծութիւններով, որոնք տպուած են հետեւեալ հատորներուն մէջ «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու Առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981, Երեւան, Սփիւռքահայ Գրողներու մատենաշար), «Ծառին Ճիչը» (1991), «Մ իջերկրականի Լոյսերուն Դիմաց» (2004), Գէորգ Մելիտինեցի Մրցանակի մատենաշարով։ Ազգային, կրթական, ընկերային բնոյթի յօդուածներով եւ գեղարուեստական արձակ էջերով աշխատակցած է լիբանանահայ մամուլին։ Առաջին գրականագիտական բնոյթով գիրքը եղած է Հայաստանի գրողներու Ե. համագումարի խոհերը. «խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. համագումարի սեմին» (1966)։ Ընկերային հարցեր շօշափած են «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» գիրքը (1994). իր կրթական եւ մանկավարժական յօդուածներէն ընտրուած հատորը «Հայակերտում եւ Մանկավարժութիւն» հրատարակուած է 1996-ին։ Արձակ էջերը ամփոփուած են «Ծուէն, Ծուէն Երիզներ» (1981), «Մայրիներու Արմատները» (1986), «Ակնթարթներ Մարդու եւ Կեանքի Առօրեայէն» (2012) հատորներուն մէջ։
2007-ին եւ 2009-ին յաջորդաբար լոյս տեսած են Պէպօ Սիմոնեանի գրականագիտական հատորները «էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» Ա. եւ Բ. հատորներ։
1995ին պարգեւատրուած է Ռուբէն Սեւակի անուան «Վերածնունդ» մրցանակով առ ի գնահատութիւն Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճէն ներս հիմնած Ռուբէն Սեւակի անուան մատենադարանին եւ Ռուբէն Սեւակի գրականութեան նուիրուած իր աշխատասիրութիւններուն։
2002-ին Հայաստան-Սփիւռք Գրողներու Համագումարին առիթով պարգեւատրուած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ 2005-ին արժանացած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին։ 2008-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան մետալով իր գրական հարուստ ժառանգութեան համար։ 2009-ին իր կրթական 44 տարիներու ծառայութեան իբրեւ գնահատանք արժանացած է Լիբանանի Կրթութեան նախարարութեան գնահատագրին եւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սուլէյմանի շքանշանին։
2012ին Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակին արժանացած է իր «Ակնթարթներ Մարդու եւ Կեանքի Առօրեայէն» հատորին համար։ 2013ին պարգեւատրուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ «Մովսէս Խորենացի» մետալով։ 1992էն ի վեր անդամ էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» Գրական մրցանակին որուն ատենապետութիւնը վարեց մինչեւ իր կեանքին վերջը։
Անդամ է Հայրենիք-Սփիւռք Գրողներու Համահայկական Միութեան։
Հիմնադիր անդամ է Լիբանանահայ Գրողներու համախմբումին եւ անոր եռանդամ քարտուղարութեան։
2015 Յունիսին յետ մահու, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է քսան կախաղաններու նահատակութեան 100 ամեակին առիթով «Փարամազ» ոսկէ մետալով՝ առ ի գնահատութիւն իր հասարակական, ազգային, մշակութային, կրթական եւ գրական հարուստ եւ բեղուն վաստակին։