Բ.– ԶԱՆԱԶԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԷ ՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐԷ
Բ/1. ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
- «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթի խմբագրութենէն
«ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹ» AL-SAKAFA
Ազգային, քաղաքական, մշակութային AL-WATANIÉ
շաբաթաթերթ
Նամակատուփ՝ 11-6035
Պէյրութ – Լիբանան
Պէյրութ, 10 Դեկտ[եմբեր] 1986[i]
Յարգարժան տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Գառնիկ Ադդարեանի անժամանակ մահով լիբանանահայութիւնը, հայ Սփիւռքը եւ Մայր Հայրենիքը կորսնցուցին ականաւոր բանաստեղծ մը, ինքնատիպ հրապարակագիր մը, նուիրեալ հասարակական գործիչ մը, Մայր Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ջերմ ջատագով մը եւ մարդասէր հոգիով ազնիւ քաղաքացի մը:
Յարգելու համար Գառնիկ Ադդարեանի յիշատակը եւ ըստ արժանւոյն գնահատելու համար անոր ժառանգ ձգած պայծառ վաստակը, խմբագրութիւնս որոշած է «Ազգային Մշակոյթ»ի յաջորդական թիւերուն մէջ հանգամանօրէն անդրադառնալ անոր կեանքին եւ գործին:
Իբրեւ մօտէն ծանօթ գրչեղբայր մը Գառնիկ Ադդարեանին, պիտի խնդրէինք Ձեզմէ որ գրադատական, յուշագրական, բնութագրական կամ այլ ձեւի գրութեամբ Ձեր յարգանքի եւ արժեւորումի խօսքը ըսէիք հանգուցեալ գրողի[ն] մասին:
Լիայոյս ըլլալով որ առաջին իսկ առիթով ընթացք պիտի տաք մեր խնդրանքին,[ii] կը յայտնենք մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնները եւ կը մնանք
յարգանօք՝
«Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթի
խմբագրութիւն
* * *
Պէյրութ, 15 Օգոստոս 1993[iii]
Յարգարժան Պէպօ Սիմոնեան,
Այս տարի կը լրանայ «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթի 10-րդ տարին:
Այս առիթով, թերթիս խմբագրութիւնը ծրագրած է հրատարակել «Բացառիկ մը» սփիւռքահայ եւ հայրենի մտաւորականներու աշխատութեամբ:
Խմբագրութիւնս համահայկական մտահոգութիւններով եւ հանդուրժողական ոգիով, աշխատակցելու հրաւիրած է ստուար թիւ մը մտաւորականներու՝ առանց գաղափարական կամ դաւանական (յարանուանական) խտրութեան, յուսալով այս «Բացառիկ»ը դարձնել բոլորին առջեւ բացուած «ազատ բեմ» մը:
Աշխատակցութիւնները կրնան ըլլալ ամենատարբեր սեռի եւ տարազի (քերթուած, կարճ պատմուածք, ակնարկ, ուսումնասիրութիւն, բանավէճ, յօդուած կամ պատգամ), եւ կրնան շօշափել հարցեր, որոնք կը բխին վերջին հինգ տեղաշարժային տարիներու հայկական (Հայաստանի, Արցախի, Ներքին եւ Արտաքին Սփիւռքի) իրականութենէն: Աշխատակցութեան ծաւալը փափաքելի է որ չանցնի ամսագրային մեծադիր հինգ էջերու սահմանը:
Խմբագրութիւնս նկատի առնելով ձեր վաստակը, պարտք զգաց հրաւիրել ձեզ այս «Բացառիկ»ին աշխատակցելու, խնդրելով որ ձեր աշխատակցութիւնը (նախընտրաբար մեքենագրեալ) խմբագրութեանս հասցուցած ըլլաք ամենաուշը մինչեւ 1993 թ. Նոյեմբեր ամսուան 15-ը:
Հաւանաբար աւելորդ չ’ըլլար կրկնել, թէ ձեր աշխատակցութիւնը պիտի հրատարակուի անփոփոխ, առանց հպումներու, յապաւումներու կամ վերախմբագրումի…:
Աւելցնենք նաեւ թէ խմբագրութիւնս այս «Բացառիկ» թիւին խմբագրութիւնը եւ ձեւաւորումը վստահած է Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի։[iv]
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ խորին յարգանքներով՝
«Ազգ. Մշակոյթ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւն
Վասն խմբագրութեան պատասխանատուի՝
Գրիգոր Համամճեան[v]
[հայերէն եւ արաբերէն նշումներով հաւկթաձեւ կնիք]
* * *
- «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութենէն
ԱՐԱՐԱՏ ARARAD
Քաղաքական օրաթերթ Quotidien Arménien
Նամակատուփ 756 B. P. 756
Հեռ.՝ 292 634 Tél. 292634
Պէյրութ (Լիբանան) Beyrouth – Liban[vi]
Nº 3093 Պէյրութ, 30 Մայիս 1974[vii]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
«Արարատ» օրաթերթը նախաձեռնած է բացառիկ թիւի մը հրատարակութեան՝ Քսաններու նահատակութեան 59-րդ տարեդարձին առթիւ:
Խմբագրութիւնս փափաքելի կը գտնէ Ձեր մասնակցութիւնը բացառիկ թիւի հրատարակութեան՝ օրուան Խորհուրդին հետ առնչուած գրութեամբ մը – արձակ կամ չափածոյ:
Բացառիկի էջերու սահմանափակութեան հետեւանքով, պիտի խնդրենք Ձեզմէ, որ ձեր աշխատակցութիւնը օրաթերթիս երկու անզոյգ սիւնակէն աւելին չգրաւէ, եւ խմբագրութեանս հասած ըլլայ ամենաուշը մինչեւ 8 Յունիս, որու համար կը ներկայացնենք մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնները:
Յարգանքով՝
«Արարատ» օրաթերթի խմբագրութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
* * *
Պէյրութ, 21 Նոյեմբ[եր] 1981[viii]
Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
«Արարատ» օրաթերթը ծրագրած է լոյս ընծայել բացառիկ թիւ մը Նոր Տարուան առթիւ, ծաւալով մը որ կը թոյլատրէ իր հրատարակութեան ներկայ դժուարին եւ ժամանակաւոր պայմանները, որոնց ծանօթ էք:
Խմբագրութիւնը կը փափաքի որ ձեր մասնակցութիւնը բերէք այդ թիւին Ձեր նախասիրած նիւթի շուրջ գրութեամբ մը, որ լաւ պիտի ըլլար եթէ առնչուէր Բացառիկին Նոր Տարուայ սեմին հրատարակուելու հանգամանքին հետ եւ սահմանափակուէր առաւելագոյնը երեք անզոյգ սիւնակով:
Պիտի խնդրէինք որ Ձեր աշխատակցութիւնը խմբագրութեանս հասցուած ըլլար ամենաուշը մինչեւ 7 Դեկտեմբերի երկուշաբթին:
Ձեր աշխատակցութիւնը ապահոված ըլլալու գոհունակութեամբ եւ կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
«Արարատ» օրաթերթի
խմբագրութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
* * *
Պէյրութ[, 1986-ի աշուն][ix]
Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,
«Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան համար արդէն սովորութիւն դարձած է ամէն տարեվերջին հրատարակել բացառիկ թիւ մը, իր տեղական ու արտասահմանեան աշխատակիցներու եւ հայրենական ծանօթ գրիչներու մասնակցութեամբ:
Գոհունակութիւն է մեզի համար հաստատելը, որ իրարայաջորդ երրորդ տարին ըլլալով մեր «բացառիկը» այդ տեսակի ուրիշ բոլոր հրատարակութեանց մէջ լաւագոյնը նկատուած է, անկողմնակալ դէտերու գնահատութեամբ:
Խմբագրութիւնս մտադիր է 1986-ի տարեվերջին լոյս ընծայել նոր թիւ մը, որ ունենայ նախորդներուն մակարդակը եւ նոյնիսկ գերազանցէ զայն:
Ներկայովս «Արարատ»ի խմբագրութիւնը հրաւէր կու տայ Ձեզի որ աջակցիք իր ծրագրի յաջողութեան, աշխատակցելով անոր արձակ կամ չափածոյ գրութեամբ մը որ նախընտրաբար առնչուած ըլլայ Նոր Տարուան հետ եւ յուզէ մեր ազգային, հայրենական ու ընկերային կեանքի, մեր ժողովուրդի համազգային հեռանկարները:
Վստահ ենք որ Ձեր օժանդակութիւնը բերելու պիտի չզլանաք: Առ այդ կ’ակնկալենք, որ Ձեր գրութիւնը մեզի հասցնելու ազնուութիւնը ունենաք ամենաուշը մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ: Տեղի սահմանափակութեան հետեւանքով պիտի խնդրէինք, որ Ձեր աշխատակցութիւնը «Արարատ»ի սովորական թիւին երկու զոյգ սիւնակէն աւելի ծաւալ չունենար արձակի պարագային, իսկ մէկ զոյգ սիւնակ՝ քերթուածի:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
«Արարատ» օրաթերթի
խմբագրութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
* * *
[Պէյրութ,] 20 Մարտ 1987[x]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Համաձայն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան հրահանգին, «Արարատ» պաշտօնաթերթի[ն] խմբագրութիւնը ծրագրեց բացառիկ թիւի մը լոյս ընծայումը կուսակցութեան 100-ամեակին նուիրուած:
Բացառիկին նիւթերը կանխաւ եւ ըստ անհրաժեշտութեան ճշդուած են խմբագրութեան կողմէ, նաեւ՝ անոնց գրաւելիք ծաւալը եւ խտութիւնը: Այս մէկը՝ որպէսզի բացառիկը ըլլայ իսկապէս բովանդակալից, դաստիարակիչ, ամփոփ, բայց նաեւ համապարփակ, ուրուագծելով Ս. Դ. Հ. Կ.ի հարիւրամեայ գաղափարախօսութիւնը, դերը, վաստակը եւ ներկայի ու գալիքի առաջադրանքները:
Առ այդ՝ խմբագրութիւնս Ձեզ կը հրաւիրէ որ Ձեր աշխատակցութիւնը բերէիք անոր՝ թեմա ունենալով սոյն նամակին հետ յանձնարարուած նիւթը:
Ձեր գրութիւնը պէտք է ըլլայ ամփոփ եւ խտացուած՝ 5-6 մեքենագրեալ էջերու մէջ պարփակուած եւ յանձնուած խմբագրութեանս մինչեւ Յունիս 10-ը ամենաուշը:
Կը խնդրենք, որ ներկայ պաշտօնագիրը ստանալով, Ձեր համամտութիւնը յայտնէք մեզի մինչեւ մէկ շաբաթ, սկսեալ ներկայ թուականէն, նաեւ՝ որեւէ նկատողութիւն կամ առաջարկ՝ եթէ ունիք:
Ձեր գործակցութիւնը ապահոված ըլլալու ինքնավստահութեամբ եւ յաջողութեան մաղթանքով՝
«Արարատ» պաշտօնաթերթի
խմբագրութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
Ձեր նիւթը՝
Վկայութիւններ Ս. Դ. Հ. Կ.ի մասին:
* * *
Պէյրութ, 13 Հոկտ[եմբեր] 19[91][xi]
Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
«Արարատ» պաշտօնաթերթը որոշած է բացառիկ թիւ մը լոյս ընծայել Նոր Տարուան (1991-1992) առթիւ, շարունակելով երկար տարիներու իր սովորութիւնը:
Խմբագրութիւնը կը հրաւիրէ Ձեզ որ Ձեր մասնակցութիւնը բերէք բովանդակութեանը անոր՝ ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային բնոյթի ինքնագիր արձակ կամ չափածոյ աշխատակցութեամբ մը կամ որեւէ թեմայով որ Դուք կը նախընտրէք: Յանձնարարելի է միայն, որ Ձեր նախընտրած թեման ըլլայ այժմէական եւ ունենայ ընդհանուրը շահագրգռող բնոյթ:
Ծաւալի սահմանափակութիւնը կը ստիպէ մեզ խնդրելու, որ Ձեր գրութիւնը մեր թերթին առօրեայ թիւի երկու զոյգ սիւնակէն աւելի տեղ չգրաւէ եւ մեր տրամադրութեան տակ դրուած ըլլայ ամենաուշը մինչեւ 25 Նոյեմբեր:
Կը յուսանք որ կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին, որուն համար ալ կը ներկայացնենք մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնը:
Յարգանօք՝
«Արարատ» օրաթերթի
խմբագրութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
* * *
Պէյրութ, 11 Մայիս 1993[xii]
«Մասիս» Հրատարակչական Ընկերութեան բաժնետէր,
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Ս. Դ. Հ. Կ. Լիբանանի Վ. Մարմնի դիւանը կու գայ ձեզ հրաւիրելու ընկերութեան անդամներու ժողովին, որը պիտի կայանայ Հինգշաբթի, 13 Մայիս 1993-ին, կ. ետք ժամը 3:30-ին, «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ:
Օրակարգ.
– «Արարատ»ի հրատարակչական աշխատանքը (նիւթա-բարոյական տեղեկագիր).
– «Արարատ»ի յետագայ գոյավիճակը, ներկայ պայմաններն ու հեռանկարները.
Բոլորիդ ներկայութիւնը խիստ փափաքելի է:
Ս. Դ. Հ. Կ. Լիբ. Շրջանի
Վարիչ Մարմնի
Մամլոյ Դիւան
Միհրան Սեֆերեան[xiii]
[ստորագրութիւն]
* * *
Պէյրութ, 24 Սեպտեմբեր 1993[xiv]
Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
1993-ի Նոյեմբերը կը զուգադիպի Լիբանանի անկախութեան հռչակման 50-ամեակին:
1943 Նոյեմբեր 22-ի ազգապանծ իրադարձութեան այս յիսնամեակին առթիւ, «Արարատ»ի խմբագրութիւնը որոշած է բացառիկ թիւ մը լոյս ընծայել:
Հրաւիրուած էք աշխատակցելու յոբելեանական այս համարին՝ հետեւեալ թեմայով. «Լիբանանահայութեան ու Հայաստանի աւանդը Անկախ Լիբանանի մշակութային-կրթական-արուեստագիտական կեանքին ու ասոր զարգացման մէջ»:
Ձեր աշխատակցութեան համար միջին ծաւալ ճշդուած է հինգ մեքենագրեալ էջ: Ջանացէք, ինչքան որ հնարաւոր է, Ձեր գրութեան կցել յուզուած նիւթին հետ առնչուող պատմական դէպքերու եւ դէմքերու նկարներ:
Հաճեցէք Ձեր գրութիւնը խմբագրութեանս հասցնել մինչեւ երկու Նոյեմբեր (ամենաուշը):
Լիայոյս որ կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին՝ ընդունեցէք մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնը:
«Արարատ» օրաթերթի
խմբագրութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
* * *
ԱՐԱՐԱՏ ARARAD
օրաթերթ DAILY
Հեռ.՝ 442634 – 444390 Tel. 442634 – 444390
Պէյրութ – Լիբանան Beirut – Lebanon
Պէյրութ, 25 Մարտ 1995[xv]
Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Նկատի առնելով որ այս տարի Հայկական Ցեղասպանութեան 80-ամեակն է, եւ հետեւելով թերթիս աւանդութեան, խմբագրութիւնս ծրագրած է այս տարի Ապրիլ 24-ին «Արարատ» օրաթերթը լոյս ընծայել յաւելեալ էջերով:
Կը հրաւիրենք Ձեզ աշխատակցելու սոյն յաւելուածին, որուն բովանդակութիւնը, անկասկած, պիտի ըլլայ ազգային, քաղաքական, պատմական, գաղափարական եւ գրական նիւթերով, ուղղակիօրէն առնչուած հայկական Մեծ Եղեռնի 80-ամեակին:
Վստահ ենք, որ կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին եւ կ’ունենանք Ձեր աշխատակցութիւնը Ապրիլ 24-ի համարին:
Ձեր յօդուածը կը սպասենք մինչեւ 18 Ապրիլ 1995:
Կանխայայտ շնորհակալութիւններով՝
«Արարատ» օրաթերթի
խմբագրութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
* * *
[Պէյրութ,] 14 Նոյեմբեր 1995[xvi]
Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Աւանդութեան համաձայն, 1995-ի աւարտին, «Արարատ» օրաթերթը լոյս պիտի ընծայէ իր հերթական տարեկան բացառիկ թիւը: «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան անունով կու գանք խնդրելու Ձեր աշխատակցութիւնը լոյս տեսնելիք բացառիկ թիւին, որ վստահաբար առաւել եւս պիտի նպաստէ անոր բովանդակութեան ճոխացման: Ձեր աշխատակցութիւնը, ցանկացած[xvii] նիւթի վերաբերեալ, պիտի ըլլայ «Արարատ» օրաթերթի բացառիկին յաջողութեան նպաստող մասնակցութիւն:
Ձեր յօդուածը կամ աշխատակցութիւնը կը սպասենք մինչեւ 25 Նոյեմբեր 1995, «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան:[xviii] Յօդուածին նիւթը թող ըլլայ ըստ Ձեր հայեցողութեան եւ նախասիրութեան:
Աշխատակցութեան եւ գործակցութեան մաղթանքներով
եւ կանխայայտ շնորհակալութիւններով,
ի դիմաց՝
«Արարատ» օրաթերթի խմբագրութիւն[xix]
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
* * *
Պէյրութ, 26 Յունուար 1996[xx]
Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Խմբագրութիւնս Ձեզ կը հրաւիրէ խմբագրական ժողովի, Երկուշաբթի օր, 29 Յունուար 1996-ին, «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
«Արարատ» օրաթերթի բովանդակութեան բարելաւման տրամադրուած սոյն ժողովին Ձեր ներկայութիւնը խիստ փափաքելի է:
Ընկերական բարեւներով,
ի դիմաց՝
«Արարատ» օրաթերթի խմբագիր
Աւետիս Փոշօղլեան[xxi]
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք,
ստորագրութիւն կնիքին վրայ]
* * *
ԱՐԱՐԱՏ ARARAD
օրաթերթ DAILY
Հեռ.՝ 442634 – 444390 Tel. 442634 – 444390
Ֆաքս. 442408 Fax: 442408
Պէյրութ – Լիբանան Beirut – Lebanon
[Պէյրութ,] 9 Հոկտեմբեր 1996[xxii]
Մեծայարգ ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս նախատեսած ենք Նոր Տարուան առիթով լոյս ընծայել «Արարատ» բացառիկը, որպէս մնայուն արժէք ներկայացնող տարեգիրք: Կը փափաքինք Ձեր գործակցութիւնն ու աշխատակցութիւնը սոյն բացառիկին, որ, վստահաբար, դրականօրէն պիտի ազդէ բովանդակութեան ճոխացման [վրայ]:
Ձեր աշխատակցութեան բովանդակութիւնն ու նիւթը կը ձգենք Ձեր հայեցողութեան:
Պիտի խնդրէինք որ Ձեր յօդուածը ստանայինք մինչեւ 15 Նոյեմբեր 1996-ը, խմբագրատանս հասցէին:
Կանխայայտ շնորհակալութիւններով,
ի դիմաց`
«Արարատ» օրաթերթի խմբագրութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք]
* * *
في ٣٠/٣/١٩٩٨[xxiii]
دعوة
حضرة السيد بدروس ديكران قلايجيان
تدعو ادارة جريدة آرارات اليومية السياسية، جمعية عمومية للشركة ماسيس للطباعة والنشر التي تملك الجريدة، للانعقاد للمرة الثانية، وذلك يوم الخميس الواقع في ٢ نيسان ١٩٩٨، الساعة الثالثة علماً بأن في الساعة الرابعة يحسب الحضور أكثرية (وذلك في مقرها في دار النشر).
جدول الاعمال:
١- كشف لحسابات الجريدة.
٢- بحث اقتراحات جديدة.
٣- اخذ قرارات.
الادارة
Թարգմանութիւն արաբերէնէ.
Յարգարժան պարոն Պետրոս Տիգրանի Գալայճեան,
«Արարատ» քաղաքական օրաթերթի տնօրէնութիւնը կը հրաւիրէ Ձեզ՝ օրաթերթի սեփականատէր «Մասիս» տպագրական եւ հրատարակչական ընկերութեան երկրորդ ընդհանուր ժողովին, Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 1998, ժամը 3-ին (հրատարակչատան իր կեդրոնին մէջ): Ի գիտութիւն կը յայտնենք, թէ ժամը 4-ին ներկաներուն թիւը պիտի նկատուի մեծամասնութիւն:
Օրակարգ.
- Օրաթերթին հաշուետուութիւնը:
- Նոր առաջարկութիւններու քննարկում:
- Որոշումներու կայացում:
Տնօրէնութիւն
[հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով կլոր կնիք,
ստորագրութիւն կնիքին վրայ]
* * *
- «Բանբեր» պարբերաթերթի խմբագրութենէն
«Բանբեր»
Պաշտօնաթերթ Ֆրանսահայ
Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան
Խմբագիր՝ Արի Թօփուզխանեան
Լիոն, 3 Մարտ 1995[xxiv]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Տնօրէն Սահակեան-Լ.Մկրտիչեան Գոլէճի,
Պէյրութ.
Սիրելի բարեկամ,
Ուրախութեամբ ստացայ ինծի ձօնագրուած «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր»ն եւ «Ուսանող»ը (Հոկտ. 1994): Կը սպասէի ինծի վստահելի ճամբորդի մը՝ իմ կողմէս քեզի եւ ազնիւ կողակիցիդ ղրկելու «Բանբեր» մատենաշարի վերջին հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ սոյն շնորհակալական նամակը:
Մեծապէս կը գնահատեմ ճոխ բովանդակութեամբ եւ բարոյական առողջ մօտեցումով շարադրուած գիրքդ: Խիզախութիւն կը պահանջէ հոսանքին դէմ լողալ ու տիրող մտայնութեան դէմ պայքարիլ: Բայց տկարներուն, «որբին եւ որբեւայրիին» օգնել, մանաւանդ ապրելու իրաւունքէն զրկուող, կամ կիսաւեր մարմինի մէջ գոյութիւն քարշ տուող թշուառ մանուկները պաշտպանել՝ ամէն արժանաւոր անձի պարտականութիւնն է, ու մանաւանդ՝ քրիստոնեային: Յուսամ «Սահակեան»ի աշակերտները կ’իւրացնեն գիրքին մէջ գտնուող բարոյական դասերը, որպէսզի պատուաւոր բջիջներ դառնան հետզհետէ աւելի քայքայուող մարդկային ընկերութեան մէջ, ինչ որ վերջին ժամանակներու նշաններէն մին է:
Հետաքրքրութեամբ թերթատեցի նաեւ «Ուսանող» տարեգիրքը: Ուրախ եմ որ Բ. Ժամկոչեանի հիմնադրած գործունէութիւնները կը շարունակուին ու կը ճոխանան քու երկարամեայ պաշտօնավարութեանդ ընթացքին եւ թէ անոր անունը յաւերժացուցած ես արդիական մանկապարտէզով մը: Գոհ եմ նմանապէս, որ բարեկամս՝ Հայաստանի հաւատարմատար Երուանդ Մելքոնեանը՝[xxv] Գոլէճին համակիրներուն մէջ կը գտնուի եւ իր ներկայութեամբ զայն կը պատուէ:
Ինչպէս մատնանշուած էր Լեւոն Գէորգեանի յօդուածին մէջ, Բ. Ժամկոչեանի ծննդեան հարիւրամեակը պիտի տօնուի իր անունը կրող Երեւանի դպրոցին մէջ: Որոշուած թուականն է Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 1995: Անշուշտ դուն ալ, կնոջդ հետ միասին, ներկայ կը գտնուիս, ու զիրար կ’ողջագուրենք: Հաճէ՛ զիս տեղեակ պահել, որ պատշաճ բաժին մը տրուի երկուքիդ ալ՝ յայտագրին մէջ:
Բարօրութեան ու նորանոր նուաճումներու անկեղծ մաղթանքներով՝
[ստոր.՝ ԱԹօփուզխանեան][xxvi]
* * *
- «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութենէն
«ԶԱՐԹՕՆՔ» ՕՐԱԹԵՐԹ
«ZARTONK» Armenian Daily
- O. Box 11-617 & 175-348
Phone 447612 – 448982
Fax: 961-1-448982
BEIRUT – LEBANON
Պէյրութ, 12 Հոկտեմբեր 1995[xxvii]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Այս տարի եւս, «Զարթօնք»ի խմբագրութիւնը ձեռնարկած է ծաւալուն բացառիկի մը հրատարակութեան, տարեվերջէն առաջ:
Բացառիկը պիտի ըլլայ բովանդակութեամբ բազմաբնոյթ, ճոխ ու տարասեռ, իսկ հրատարակութեամբ՝ գունաւոր, արդիական ու համակարգչային:
Արդ, նկատի ունենալով ձեր վաստակն ու հանգամանքը, այլապէս ալ արդիւնաշատ ու մնայուն աշխատակից մը ըլլալու իրողութիւնը, խմբագրութիւնս ջերմապէս պիտի փափաքի որ այս բացառիկին Ձեր մասնակցութիւնը բերէք գրութեամբ մը (քաղաքական, ազգային, հայրենական, պատմական, յուշագրական, խոհական, կրթական, մշակութային, մարզական, տնտեսական, ընկերային կամ նախասիրուած այլ նիւթ մը):
Գրութիւնները պէտք է խմբագրութեանս հասած ըլլան ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆը մինչեւ 15 Նոյեմբեր 1995, նախընտրաբար մեքենագրեալ, այլապէս՝ ընթեռնելի:
Լիայոյս թէ սիրայօժար կ’ընդառաջէք մեր փափաքին՝ բացառիկին Ձեր գործօն մասնակցութեամբ, Ձեզի կը մաղթենք լաւագոյն յաջողութիւններ:
Յարգանօք՝
«Զարթօնք» օրաթերթի
պատասխանատու խմբագիր
[ստորագրութիւն]
Պարոյր Աղպաշեան
[արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով ուղղանկիւն կնիք]
* * *
“Zartonk” Armenian Daily
- O. Box: 11-617 & 175-348
Tel.: 47912 & 448064
Fax: 961-1-448982
Պէյրութ, 30 Հոկտեմբեր 1998[xxviii]
Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,
«Զարթօնք»ի Նոր Տարուան բացառիկին համար, պիտի խնդրէինք, որ խմբագրութեանս տրամադրէք գրութիւն մը Ձեր նախասիրութեան կամ ընտրութեան համաձայն:
Ինչպէս անցեալին, վստահ ենք որ այս տարի եւս, իբրեւ վաստակաւոր եւ արդիւնաշատ աշխատակից, Ձեր շահեկան գրութիւնը տեղ պիտի գտնէ Նոր Տարուան մեր թիւին մէջ:
Բարեհաճեցէ՛ք առաւելագոյնս մինչեւ 30 Նոյեմբեր 1998 հասցնել գրութիւնը:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով,
Յարգանօք՝
«Զարթօնք» օրաթերթի
պատասխանատու խմբագիր՝
[ստորագրութիւն]
Պարոյր Աղպաշեան
[արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն նշումներով ուղղանկիւն կնիք]
* * *
- «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերագիրքի խմբագրութենէն
Պէյրութ, 2 Յունիս 1969[xxix]
Յարգելի պ. Պէպօ Սիմոնեան,
«Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերականի[xxx] խմբագրութիւնը որոշած է պարբերագիրքին յաջորդ թիւը յատկացնել ազգապահպանման հարցին, որ այսօր, աւելի քան երբեք, հրատապ բնոյթ ունի իւրաքանչիւր հայու համար:
Առ այդ՝ կը դիմենք ձեզի, խնդրելով ձեր գրաւոր պատասխանը հետեւեալ հարցումներուն.
– «Որո՞նք են ազգապահպանման նպաստող հիմնական ազդակները եւ ի՞նչ է հայ մշակոյթին կարեւորութիւնը անոնց կարգին»:
– «Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայ մշակոյթին գոյատեւումն ու զարգացումը սփիւռքի մէջ»:
Վստահ ենք, որ Ձեր պատասխանով պիտի ուզէք նպաստել սոյն կենսական հարցին քննարկման ու դրական ազդակներու ճշդումի գործին:
Հաճեցէ՛ք ընդունիլ մեր կանխայայտ շնորհակալութիւններն ու լաւագոյն զգացումներուն հաւաստիքը:
Խմբագրութեան կողմէ՝
[ստոր.՝ ԳԱդդարեան]
Ծանօթ.- Սոյն դիմումէն ուղարկուած է սփիւռքահայ բազմաթիւ ծանօթ գրողներու եւ մշակութային դէմքերու: Պատասխանները նախատեսուած են 1-էն 3 էջի սահմաններուն մէջ եւ պէտք է խմբագրութեանս ուղարկուին առաւելագոյնը մինչեւ Յուլիսի վերջը:[xxxi]
Հասցէ՝ K. Attarian
- P. 2082
Beyrouth – Liban
* * *
«Էջեր գրականութեան եւ Արուեստի»
Պարբերագիրք
Պէյրութ
Պէյրութ, 15 Օգոստոս 1970[xxxii]
Թանկագին բարեկամ,
Շուրջ հինգ տարիէ ի վեր Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերագիրքը, որ կը հրատարակուի Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի նախաձեռնութեամբ:
Ցարդ լոյս ընծայուած թիւերը լաւագոյնս կրնան վկայել, թէ «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերագիրքը միշտ ջանադիր եղած է հանդիսանալ առողջ կապ մը՝ գաղթաշխարհի մտաւորականութեան միջեւ եւ նոյն ատեն ըլլալ անվարան բանբեր ու ջատագով Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու սերտացման ու խորացման, այն հաստատ համոզումով, որ արտերկրի հայութեան ճակատագիրը պայմանաւորուած է մայրենի երկրի գոյութեամբ ու ծաղկումով:
Այդ է որ կը թելադրէ ու կը պատգամէ ազգապահպանման հրատապ խնդրին նուիրուած մեր զոյգ թիւերուն բովանդակութիւնը (1968-1969-ի ընթացքին), որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սփիւռքի եւ Հայրենիքի բազմաթիւ գրողներ:
Այս տարի, Ապրիլեան Եղեռնէն յիսուն հինգ տարի ետք, իր աւերակներէն վերայառնած վահագնեան Հայաստանը, ամբողջ վերածնած հայ ժողովուրդը, Հայրենիքի ու նաեւ Սփիւռքի տարածքին վրայ, կը պատրաստուին յառաջիկայ Նոյեմբերին մեծ շուքով նշել հայրենի Նոր Պետութեան յիսնամեակը: Այս տարեթիւը իւրաքանչիւր սփիւռքահայու, ամէն գիտակից հայու խորհուրդի եւ խորհրդածութեան աղբիւր է անկասկած, որովհետեւ առանց հայրենի պետականութեան ամրակուռ գոյութեան, առանց Խորհրդային Հայաստանի կիսադարեան յառաջընթացին, Սփիւռքը, ի վաղուց անտի, կորսնցուցած պիտի ըլլար ապրելու եւ հայօրէն գոյատեւելու ամէն յոյս եւ կարելիութիւն:
Ահա այս մտահոգութեամբ, այս մտածումով եւ սրտի պարտք մը կատարելու գիտակցութեամբ է որ ծրագրած ենք «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերագիրքին յաջորդ համարը նուիրել Խորհրդային Հայաստանի Ոսկեայ Յոբելեանին, եւ առ այդ կը դիմենք Ձեզի, որպէսզի Ձեր թանկագին աշխատակցութեամբ հարստացնէք մեր պարբերագիրքին այդ թիւը:
Աշխատակցութիւնը կրնայ ըլլալ գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեամբ մը (քերթուած, պատմուածք, գրական էջ կամ գեղարուեստական պատկեր, կամ ողջոյնի խօսքի եւ խոհի-խորհրդածութեան ձեւով), առանց էջի սահմանափակումի: Ձեր գրութիւնը պէտք է մեր հասցէին հասնի ամէնէն ուշը մինչեւ 10 Հոկտեմբեր 1970:
Սիրելի բարեկամ,
Ոչ միայն լիայոյս, այլ լիովին համոզուած ենք որ փութով ընթացք պիտի տաք մեր այս խնդրանքին,[xxxiii] որպէսզի ձեր եւ բոլորին թանկագին նպաստով, «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերագիրքին այս թիւը դարձնենք իրապէս արժանի իր նպատակին:
Այդ սպասումով եւ կանխայայտ շնորհակալութեամբ,
«Էջեր գրականութեան եւ արուեստի»
պարբերագիրքի խմբագրութեան կողմէ՝
[ստոր.՝ ԱԴարեան]
Արմէն Դարեան
Առաքումները կատարել հետեւեալ հասցէին.
Armen Tarian
- P. 3394
BEYROUTH – LIBAN
* * *
- «Խօսնակ» պարբերաթերթի խմբագրութենէն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Armenian General Benevolent Union
Պէյրութ, 12 Յունուար 1995[xxxiv]
Յարգարժան պրն. Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Թանկագին բարեկամ,
«Խօսնակ» ամսագրի խմբագրութիւնս ծրագրած է 1995-ի իր հերթական համարներէն Ապրիլ 1995-ը նուիրել Ապրիլեան Եղեռնի 80-ամեակին, բացառիկ ու գեղատիպ հրատարակութեամբ:
Այս առիթով, նկատի ունենալով Ձեր անցեալի թէ ներկայի գործօն մասնակցութիւնը գաղութիս գրական-մշակութային կեանքին, կը հրաւիրէ Ձեզ բերելու Ձեր աշխատակցութիւնը «Խօսնակ»ի այս բացառիկ թիւին՝ Ձեզի սրտամօտ եւ Եղեռնի 80-ամեակին զուգորդուած գրական-գեղարուեստական-յուշագրական կամ պատմագիտական բովանդակութեամբ անտիպ կտորով մը, միացնելով անոր Ձեր ներկայ[ի] լուսանկարը:
Կը խնդրուի Ձեր գրութիւնը «Խօսնակ»ի խմբագրութեան հասցնել Հ. Բ. Ը. Միութեան Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնի դիւանատան միջոցաւ, ամէնէն ուշը 1 Մարտ 1995[-ին]:[xxxv]
Ձեր անձնական թէ ազգային-գրական գործերուն բարի յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով,
ի դիմաց
«Խօսնակ»ի խմբագրութեան՝
պատասխանատու խմբագիր
[ստոր.՝ Արամ Սեփեթճեան]
Արամ Սեփեթճեան
* * *
- «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի խմբագրութենէն
Հայկազեան Գոլէճ HAIGAZIAN COLLEGE
Պէյրութ, Լիբանան BEIRUT – LEBANON
[Պէյրութ,] 25 Մայիս 1970[xxxvi]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Յարգելի տիար,
15 Փետրուար 1970 թուակիր նամակով հաղորդած էինք Ձեզի, որ Հայկազեան Գոլէճի Հայագիտական Ամբիոնը ձեռնարկած է հայագիտական տարեգիրքի մը հրատարակութեան, եւ առ այդ՝ դիմած էինք Ձեզի, խնդրելով Ձեր աշխատակցութիւնը այդ տարեգիրքին:
Ցարդ՝ մեծապէս քաջալերուած ենք վերոյիշեալ ծրագրին գտած ընդունելութենէն: Սակայն ընդհանուր փափաք մը կար գրութիւններու յանձնման թուականը որոշ ժամանակով յետաձգելու:
Ուրեմն կու գանք ձեզի հաղորդելու որ՝
- Որոշուած է անպայման հրատարակել տարեգիրքը:
- Տարեգիրքի հրատարակութեան աշխատանքներուն պիտի սկսինք Յուլիսի սկիզբին, ինչ որ առիթ պիտի տայ մեզի հրատարակութեան լրջօրէն հսկելու:
- Ձեր աշխատասիրութիւնները մեզի պէտք է յանձնուին ամէնէն ուշը Յունիսի 25-ին:[xxxvii]
- Որեւէ պարագայի, պիտի խնդրէինք որ հեռաձայնով կամ երկտողով մը կապ հաստատէիք մեզի հետ՝ Ձեր վերջնական պատասխանը տալու:
Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք մեր խնդրանքին ու ձեր գործակցութեամբ կը սատարէք տարեգիրքի հրատարակութեան, մնամք կանխայայտ շնորհակալութիւններով,
Անկեղծօրէն ձերդ,
ի դիմաց
Հայագիտական Ամբիոնի՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Յ. Գ. Հեռաձայնել թիւ 236496, ամէն օր կ. ա. ժամը 11:00-12:00:
* * *
[Պէյրութ,] 1 Մարտ 1971[xxxviii]
Տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Յարգելի տիար,
Ուրախ ենք իմացնելու որ Հայկազեան Գոլէճի Հայագիտական Ամբիոնի նախաձեռնութեամբ՝ հայագիտական տարեգիրք մը հրատարակելու մեր ցանկութիւնը իրականացած է արդէն: Այժմ հրապարակի վրայ է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1970 թ.ի համարը:
Արդէն իսկ սկսած ենք «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1971 թ.ի համարի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Մեր անկեղծ փափաքն է այս համարին համար եւս ունենալ Ձեր աշխատակցութիւնը:
«Հայագիտական Հանդէս»ին մէջ տեղ պիտի տրուի միայն գիտական սերտողութիւններու: Անհրաժեշտ կը նկատուի նման սերտողութեան մը պահանջներուն ենթարկուիլը: Կ’ակնկալուին պատմագրական, բանասիրական, գրականագիտական ու լեզուագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ սերտողութիւններ: Աշխատասիրութիւնները պէտք է ըլլան անտիպ: Գրութիւններու մեքենագրուած ըլլալը անհրաժեշտ կը նկատենք: Անկարելիութեան պարագային պիտի խնդրէինք որ ձեռագիրները ըլլային ընթեռնելի ու գրուած թերթին միայն մէկ երեսին վրայ:
Ուսումնասիրութիւններու վերջաւորութեան պիտի փափաքէինք տալ այդ աշխատութեան մէկ շատ հակիրճ ամփոփումը անգլերէն եւ կամ ֆրանսերէն լեզուով: Եթէ անձնապէս Դուք կարելիութիւնը ունիք այդ մէկը կատարելու, չափազանց շնորհակալ կը մնանք: Օրինակ՝ 10-15 էջնոց գրութեան մը համար, կէս էջ ամփոփում մը բաւարար կը նկատուի:
Կը յուսանք որ գրութիւնները մեզի կը հասնին մինչեւ 1971 թ.ի Օգոստոսի 1-ը:
Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք այս հրաւէրին՝ ամենականուխ ժամանակի մէջ Ձեր աշխատութիւնը հասցնելով մեզի,[xxxix]
Անկեղծօրէն Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* * *
[Պէյրութ,] 15 Յուլիս 1971[xl]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Յարգելի տիար,
Մեր առաջին նամակով իմացուցած էինք Ձեզի, որ արդէն լոյս տեսած է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1970 թ.ի համարը, ու ձեռնարկած ենք 1971 թ.ի համարի խմբագրութեան աշխատանքներուն, որուն համար դիմած էինք նաեւ Ձեր աշխատակցութեան:
Ընդառաջելով շատերու փափաքին, ուսումնասիրութեանց կամ սերտողութեանց յանձնման թուականը՝ զոր նախապէս որոշած էինք 1 Օգոստոս 1971 թ.ը, կը յետաձգենք 15 Սեպտ. 1971 թ.ին, ինչ որ, կը յուսանք, առիթ կու տայ նաեւ Ձեզի առաւել բծախնդրութեամբ յառաջ տանելու Ձեր աշխատանքը:
Անհամբեր կը սպասենք Ձեր աշխատակցութեան: Հայագիտական նման հրատարակութիւն մը սփիւռքի մէջ վստահօրէն կ’ուրախացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեամբ եւ մշակոյթով հետաքրքրուող ոեւէ անձ:
Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք մեր խնդրանքին ու Ձեր ճշդապահ գործակցութեամբ կը սատարէք հանդէսիս հրատարակութեան, մնամք կանխայայտ շնորհակալութիւններով,
Անկեղծօրէն Ձերդ՝
Երուանդ Հ. Քասունի
[ստոր.՝ Քասունի]
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
Յ.Գ.– Յուսամ անցած տարուան պատմութիւնը չի կրկնուիր: Լծուի՛ր աշխատանքի: Հաճիս:
Նոյն
* * *
[Պէյրութ,] 21 Ապրիլ 1972[xli]
Պր. Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Յարգելի տիար,
Ուրախ ենք իմացնելու որ արդէն հրապարակի վրայ է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1971 թ.ի համարը:
Այսու կու գանք մեր մասնաւոր շնորհակալութիւնները յայտնելու Ձեզի՝ Ձեր ցուցաբերած հասկացողութեան եւ բերած աշխատակցութեան համար, առանց որուն դժուար թէ կարելի ըլլար իրականացնել նման ձեռնարկ մը:
Արդէն իսկ սկսած ենք «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1972 թ.ի համարին նախապատրաստական աշխատանքներուն: Մեր անկեղծ փափաքն է այս համարին համար եւս ունենալ Ձեր աշխատակցութիւնը:
Կը յիշեցնենք միայն որ «Հայագիտական Հանդէս»ին մէջ տեղ պիտի տրուի միայն գիտական սերտողութիւններու: Անհրաժեշտ կը նկատուի նման սերտողութեան մը պահանջներուն ենթարկուիլը: Կ’ակնկալուին պատմագրական, բանասիրական, գրականագիտական ու լեզուագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ սերտողութիւններ: Աշխատասիրութիւնները պէտք է ըլլան անտիպ: Գրութիւններու մեքենագրուած ըլլալը անհրաժեշտ կը նկատենք: Անկարելիութեան պարագային պիտի խնդրէինք որ ձեռագիրները ըլլային ընթեռնելի, ու գրուած թերթին միայն մէկ երեսին վրայ:
Ուսումնասիրութիւններու վերջաւորութեան պիտի փափաքէինք տալ այդ աշխատութեան մէկ շատ հակիրճ ամփոփումը անգլերէն եւ կամ ֆրանսերէն լեզուով: Եթէ անձնապէս Դուք կարելիութիւնը ունիք այդ մէկը կատարելու, չափազանց շնորհակալ կը մնանք: Օրինակ՝ 10-15 էջնոց գրութեան մը համար, կէս էջ ամփոփում մը բաւարար կը նկատուի:
Կը յուսանք որ գրութիւնները մեզի կը հասնին մինչեւ 1972 թ.ի Օգոստոսի 1-ը:
Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք այս հրաւէրին՝ ամենականուխ ժամանակի մէջ Ձեր աշխատութիւնը հասցնելով մեզի,[xlii]
Անկեղծօրէն Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* * *
[Պէյրութ,] 13 Յուլիս 1973[xliii]
Պր. Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Յարգելի պր. Սիմոնեան,
Ուրախ ենք իմացնելու որ արդէն հրապարակի վրայ է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1972 թ.ի համարը:
Արդէն իսկ սկսած ենք «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1973 թ.ի համարի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Մեր անկեղծ փափաքն է այս համարին համար ունենալ Ձեր աշխատակցութիւնը:
«Հայագիտական Հանդէս»ին մէջ տեղ պիտի տրուի միայն գիտական սերտողութիւններու: Անհրաժեշտ կը նկատուի նաեւ սերտողութեան մը պահանջներուն ենթարկուիլը: Կ’ակնկալուին պատմագրական, բանասիրական, գրականագիտական ու լեզուագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ սերտողութիւններ: Աշխատասիրութիւնները պէտք է ըլլան անտիպ: Գրութիւններու մեքենագրուած ըլլալը անհրաժեշտ կը նկատենք: Անկարելիութեան պարագային պիտի խնդրէինք որ ձեռագիրները ըլլային ընթեռնելի, ու գրուած թերթին միայն մէկ երեսին վրայ:
Ուսումնասիրութիւններու վերջաւորութեան պիտի փափաքէինք տալ այդ աշխատութեան մէկ շատ հակիրճ ամփոփումը անգլերէն եւ կամ ֆրանսերէն լեզուով: Եթէ անձնապէս Դուք կարելիութիւնը ունիք այդ մէկը կատարելու, չափազանց շնորհակալ կը մնանք: Օրինակ՝ 10-15 էջնոց գրութեան մը համար, կէս էջ ամփոփում մը բաւարար կը նկատուի:
Կը յուսանք որ գրութիւնները մեզի կը հասնին մինչեւ 1973 թ.ի Հոկտեմբերի 1-ը:
Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք այս հրաւէրին՝ ամենականուխ ժամանակի մէջ Ձեր աշխատութիւնը հասցնելով մեզի,[xliv]
Անկեղծօրէն Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
Յ.Գ.– Շնորհակալութիւն նախորդ թիւերուն բերած Ձեր աշխատակցութեան համար: Նոյնպէս՝ Ձեր ցուցաբերած խանդավառութեան՝ հանդէսին նկատմամբ:
[հակիրճ ստորագրութիւն]
* * *
[Պէյրութ,] 17 Մայիս 1974[xlv]
Պր. Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Յարգելի պր. Սիմոնեան,
Ուրախ ենք իմացնելու որ արդէն հրապարակի վրայ է «Հայկազեան «Հայագիտական Հանդէս»ի Դ. հատորը:
Արդէն իսկ սկսած ենք «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Ե. հատորի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Մեր անկեղծ փափաքն է այս համարին համար ունենալ Ձեր աշխատակցութիւնը:
Հայագիտական Հանդէս»ին մէջ տեղ պիտի տրուի միայն գիտական սերտողութիւններու: Անհրաժեշտ կը նկատուի նման սերտողութեան մը պահանջներուն ենթարկուիլը: Կ’ակնկալուին պատմագրական, բանասիրական, գրականագիտական ու լեզուագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ սերտողութիւններ: Աշխատասիրութիւնները պէտք է ըլլան անտիպ: Գրութիւններու մեքենագրուած ըլլալը անհրաժեշտ կը նկատենք: Անկարելիութեան պարագային պիտի խնդրէինք որ ձեռագիրները ըլլային ընթեռնելի, ու գրուած թերթին միայն մէկ երեսին վրայ:
Ուսումնասիրութիւններու վերջաւորութեան պիտի փափաքէինք տալ այդ աշխատութեան մէկ շատ հակիրճ ամփոփումը անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուով: Եթէ անձնապէս Դուք կարելիութիւնը ունիք այդ մէկը կատարելու, չափազանց շնորհակալ կը մնանք: Օրինակ՝ 10-15 էջնոց գրութեան մը համար, կէս էջ ամփոփում մը բաւարար կը նկատուի:
Կը յուսանք որ գրութիւնները մեզի կը հասնին մինչեւ 1974 թ.ի Հոկտեմբերի 1-ը:
Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք այս հրաւէրին, ամենականուխ ժամանակի մէջ Ձեր աշխատութիւնը հասցնելով մեզի,[xlvi]
Անկեղծօրէն Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* * *
[Պէյրութ,] 28 Նոյեմբեր 1977[xlvii]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Մեծայարգ տիար,
Լիբանանի մէջ բնականոն կեանքի վերահաստատման զուգընթաց, կը յուսանք թէ հետզհետէ թափ կ’առնէ նաեւ լիբանանահայ մշակութային կեանքը:
Այս առիթով ուրախ ենք Ձեզի հաղորդելու, թէ Հայկազեան Գոլէճի ղեկավարութիւնը որոշած է վերսկսիլ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի հրատարակութեան, եւ այդ նպատակով արդէն իսկ սկսած ենք նախապատրաստական աշխատանքի:
«Հանդէս»ի խմբագրութեան ու հրատարակութեան գործը առաւել եւս ամուր հիմերու վրայ դնելու մտահոգութեամբ, Ձեզ կը հրաւիրենք խորհրդակցական ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 1977, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան Գոլէճի Մուկար շէնքի ժողովասենեակին մէջ:
Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին ու Ձեր թելադրութիւններով կը սատարէք հետագայ մեր աշխատանքներուն, մնամք կանխայայտ շնորհակալութիւններով,
Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
Յ. Գ. Սոյն ժողովին հրաւիրուած են «Հանդէս»ի պէյրութաբնակ բոլոր աշխատակիցները:
* * *
[Պէյրութ,] 18 Յունուար 1979[xlviii]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Յարգելի տիար,
Շուտով լոյս կը տեսնէ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Զ. հատորը: Հայագիտական Ամբիոնի եւ «Հանդէս»ի խմբագրութեան որոշումով, արդէն իսկ ձեռնարկած ենք «Հանդէս»ի Է. հատորի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Առ այդ, Ձեզ կը հրաւիրենք խորհրդակցական հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 25 Յունուար 1979, կ. ե. ժամը 3:30-ին, Գոլէճի Մուկար շէնքի հիւրասենեակին մէջ:
Ձեր ներկայութիւնը հետագայ մեր ծրագիրներուն եւ աշխատանքին համար խիստ անհրաժեշտ եւ օգտակար կը նկատենք, եւ կը յուսանք որ դրապէս կ’ընդառաջէք մեր այս հրաւէրին:
Կանխայայտ շնորհակալութիւններով,
Անկեղծօրէն՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* * *
[Պէյրութ,] 16 Մայիս 1979[xlix]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Յարգելի տիար,
Հայկազեան Գոլէճի Հայագիտական Ամբիոնը Ձեզ կը հրաւիրէ խորհրդակցական կարեւոր հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 24 Մայիս 1979, կ. ե. ժամը 3:30-ին, Հայկազեան Գոլէճի Հայագիտական Գրադարանին մէջ:
Խորհրդակցութեան նիւթ պիտի ըլլան:
- «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Է. հատորի համար ցարդ կատարուած աշխատանքներ, եւ յօդուածները յանձնելու վերջին թուական:
- «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Ը. հատորի բովանդակութիւն:
Ձեր ներկայութիւնը հետագայ մեր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն համար խիստ անհրաժեշտ եւ օգտակար կը նկատենք, եւ կը յուսանք որ դրապէս կ’ընդառաջէք մեր այս հրաւէրին:
Կանխայայտ շնորհակալութիւններով,
Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* * *
[Պէյրութ,] 12 Դեկտեմբեր 1979[l]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,[li]
Աստ.
Յարգելի տիար Սիմոնեան,
Հայկազեան Գոլէճի Հայագիտական Ամբիոնը Ձեզ կը հրաւիրէ խորհրդակցական կարեւոր հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 1979, կ. ե. ժամը 3:30-ին, Հայկազեան Գոլէճի դասախօսական կազմի հանգստասրահին մէջ – Մուկար շէնք, առաջին յարկ:
Խորհրդակցութեան նիւթ պիտի ըլլան՝
- «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Է. հատորի համար ցարդ կատարուած աշխատանքները,
- «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Ը. հատորի նախապատրաստական աշխատանքները:
Ձեր ներկայութիւնը հետագայ մեր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն համար խիստ անհրաժեշտ եւ օգտակար կը նկատենք, եւ կը յուսանք որ դրապէս կ’ընդառաջէք մեր այս հրաւէրին:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ,
Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* * *
[Պէյրութ,] 2 Յունիս 1980[lii]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Յարգելի տիար,
«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Է. հատորին հրատարակութեան առիթով Ձեզ կը հրաւիրենք «Հանդէս»ի աշխատակիցներուն վերապահուած հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 6 Յունիս 1980, կ. ե. ժամը 4:00-ին, Հայկազեան Գոլէճի ճաշասրահին մէջ:
Վերոյիշեալ հանդիպումին նաեւ պիտի բաժնուին «Հանդէս»ի նոր համարները: Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք մեր այս հրաւէրին,
Անկեղծօրէն Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* * *
[Պէյրութ,] 9 Նոյեմբեր 1981[liii]
Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ,
«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Ը. հատորին հրատարակութեան առիթով Ձեզ կը հրաւիրենք Հանդէսի աշխատակիցներուն վերապահուած խորհրդակցական հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 1981, կ. ե. ժամը 4:00-ին, Հայկազեան Գոլէճի ճաշասրահին մէջ:
Խորհրդակցութեան նիւթեր.
- «Հանդէս»ի Թ. հատորի նախապատրաստական աշխատանքներ:
- «Հանդէս»ի Թ. հատորի ծրագիրներ:
Վերոյիշեալ հանդիպումին նաեւ պիտի բաժնուին «Հանդէս»ի նոր համարները: Լիայոյս որ դրապէս կ’ընդառաջէք մեր այս հրաւէրին,
Անկեղծօրէն,
Ձերդ՝
[ստոր.՝ Քասունի]
Երուանդ Հ. Քասունի
Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
* * *
[Պէյրութ,] 2 Յունուար 1986[liv]
Պէպօ Սիմոնեան,
«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի մատենագիտական հատորին մէջ աշխատակիցներու նուիրուած բաժնին համար Ձեզմէ կը խնդրուին հետեւեալ տեղեկութիւնները.
- Անուն-մականուն:
- Ծննդեան վայր, տարի, ամիս, օր:
- Ուսումնառութիւն: Ձեր յաճախած բոլոր դպրոցները՝ տարեշրջաններով, եւ ստացած վկայականներն ու տիտղոսները՝ տարեթիւերով եւ մասնագիտութեան ճշդումով:
- Աշխատանքի ասպարէզ: Մասնագիտութիւն, պաշտօններ:
- Մամուլ, որուն աշխատակցած էք:
- Խմբագրական պաշտօններ:
- Առանձին հատորով լոյս տեսած երկեր:
- Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններ մամուլի մէջ, որոնք առանձին հատորով լոյս չեն տեսած:
Հաճեցէք վերոյիշեալ տեղեկութիւնները տեղ հասցնել մինչեւ մէկ ամիս, ինչպէս նաեւ ձեր մէկ լուսանկարը, նախընտրաբար 6 x 9 սմ. չափով:
* * *
Հայկազեան Համալսարան
[Պէյրութ,] 3 Մարտ 1998[lv]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Յարգելի պրն. Սիմոնեան,
Ուրախ ենք յայտնելու թէ արդէն իսկ լոյս տեսած է Հայկազեան Համալսարանի «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԺԷ. հատորը, ճոխ եւ հարուստ բովանդակութեամբ:
Յաջորդ հատորը լոյսին պիտի բերենք Հոկտեմբերի սկիզբին:
Արդ, նկատի ունենալով հայագիտութեան Ձեր նպաստը, այսու կը հրաւիրենք Ձեզ աշխատակցելու «Հանդէս»ի յաջորդ՝ ԺԸ. թիւին, 20-30 մեքենագիր էջ հաշուող հայագիտական անտիպ ուսումնասիրութեամբ մը:[lvi]
Ուսումնասիրութիւն-յօդուածի յանձնման ժամկէտ ճշդած ենք 1 Յունիս 1998 թուականը:
«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը բեմ կը հանդիսանայ հայ պատմութեան, պատմագիտութեան, աշխարհագրութեան, մատենագիտութեան, իմաստասիրութեան, գաղութահայ պատմութեան, գրականութեան, լեզուաբանութեան, Եղեռնի, սփիւռքահայութեան, մշակոյթի, Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու, եւ ընդհանրապէս հայ քաղաքակրթութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ հայագիտական հրատարակութիւններու գրախօսականներու:
Սպասելով Ձեր դրական ընդառաջումին,
Լաւագոյն բարեմաղթանքներով,7,
Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան
Պատասխանատու խմբագիր
«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
[ստոր.՝ ԱվԿռանեան]
[ստորագրութեան ձախին՝ միայն հայերէն նշումներով կլոր կնիք՝ Հայկազեան համալսարան – [Համալսարանին տարբերանշանը] – Հայկազեան հայագիտական հանդէս – Պէյրութ]
* * *
- «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրութենէն
ՄԱՍԻՍ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ
MASSIS WEEKLY
1060 N. Allen ave. Suite 101, PASADENA, CA. 91104. Phone (213) 797-7680
[Լոս Անճելըս,] 26 Փետր[ուար] 1981[lvii]
Սիրելի Պէպօ,
Երանի կարենայի աւելի առաջ եւ աւելի առատ գրել քեզի: Կ’ենթադրեմ սակայն որ Ատրինէն հարկ եղած արագութեամբ եւ ճշգրտութեամբ քեզ տեղեակ կը պահէ այստեղի անցուդարձերէն:
Անձնական գետնի վրայ, գործերը լաւ կ’ընթանան: Ամէն ինչ կարգադրուելու վրայ է, մանաւանդ բժշկական յաջող քննութիւններէս ետք, արդէն իսկ աշխատանքի կարելիութիւնները կը դիւրանան: Կը շարունակեմ նաեւ իմ ուսուցչութիւնը՝ յաւելեալ զարգացում եւ տիտղոս ապահովելու համար:
Ազգային-հասարակական գետնի վրայ, ինչպէս գիտես ամբողջովին նուիրուած եմ հնչակեան ճակատի աշխուժացման եւ զօրացման ամերիկեան այս հայահոծ գաղութին մէջ: Կը խմբագրեմ «Մասիս»ը, որուն բոլոր թիւերը կ’ուղարկեմ քեզի: Կը զբաղիմ Նոր Սերունդ Մշկ. Միութեամբ, թատերական եւ այլ աշխատանքներով, կը մասնակցիմ նաեւ այլ հասարակական գործունէութեան:
Իմացար անշուշտ ասմունքի երեկոյին մասին: Յաճախ բարեկամական շրջանակներու մէջ կ’արտասանեմ «Տագնապ»դ:
Քեզմէ պիտի խնդրեմ որ ինծի ուղարկես նկարդ, կենսագրականդ, գրքերուդ ցանկը, եւ եթէ կարելի է՝ գրքերէդ օրինակներ: Կը ծրագրեմ «Մասիս»ի թիւերէն մէկուն մէջ քեզ ներկայացնել, սակայն հարկ եղած տեղեկութիւնները կը պակսին ինծի:
Ցարդ Պէյրութ որեւէ անդրադարձ չըրաւ «Մասիս»ի լոյս տեսնելու առիթով: Անհոգութի՞ւն, թէ՞ ծուլութիւն: Պէտք չէ՞ արդեօք կուսակցական օրկանները զիրար ողջունեն, ինչպէս այստեղի թերթերը ըրին: «Արարատ»ը ի վերջոյ կեդրոնական մամուլ է:
Ինչպէ՞ս կ’ընթանան դպրոցական աշխատանքները: Կը յուսամ շատ չես յոգնիր: Դժուար առաքելութիւն մը ունիս, եւ պատիւով է որ դուրս կ’ելլես: Հաճիս բարեկամական բարեւներս եւ զգացումներս փոխանցէ իմ երբեմնի պաշտօնակիցներուս, բարեկամ-ընկերական մեր շրջանակին:
Կ’այցելեմ ձեզի անմիջապէս որ թուղթերս կարգադրեմ:
Մասնաւոր յարգանքներս ազնիւ տիկնոջդ:
Սիրով՝
[ստոր.՝ Յարութիւն Սաղըրեան]
* * *
ՄԱՍԻՍ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ
MASSIS WEEKLY
[Լոս Անճելոս, հաւանաբար 1987-ի առաջին կէս][lviii]
Յարգելի տիար ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կը ծրագրէ հրատարակել Հնչակեան Կուսակցութեան հարիւրամեակին նուիրուած յուշամատեան մը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Նկատի առնելով Ձեր մտաւորական ձեռնհասութիւնը, ինչպէս նաեւ ունեցած ներդրումը մեր ազգային կեանքէն ներս, կը դիմենք ձեզի, խնդրելով, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ յօդուածով, ուսումնասիրութեամբ, յուշագրութեամբ, գրական ստեղծագործութեամբ, պատմական քննարկութեամբ եւ կամ՝ ձեր մէկ այլ նախասիրութեամբ մասնակցութիւն բերէք այս գործին:
Սոյն յուշամատեանի վերաբերեալ նիւթերը մեզի կարելի է ուղարկել մինչեւ Հոկտեմբեր 30, 1987:
Առ այդ՝ հաճեցէ՛ք ընդունիլ մեր կանխայայտ խորին շնորհակալութիւնները:
Ի դիմաց
100-ամեակի յուշամատեանի
Խմբագրական յանձնախումբի՝
[ստոր.՝ Ժիրայր Թիւթիւնճեան]
[«Մասիս» շաբաթաթերթի անգլերէն եւ հայերէն հաւկթաձեւ կնիքը]
1060 N. Allen ave. Suite 201, PASADENA, CA. 91104. Phone (818) 797-7680
* * *
- «Նայիրի» պարբերաթերթի խմբագրութենէն
Պէյրութ, 16 Մարտ 1995[lix]
Յարգարժան ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Հաճոյքն ունիմ տեղեկացնելու Ձեզի, որ շուտով Լիբանանի մէջ կը սկսի լոյս ընծայուիլ «Նայիրի» շաբաթաթերթը, որ առաւելաբար պիտի ունենայ ազգային, գրական, պատմական եւ ընկերային բովանդակութիւն:
Թերթը կը խմբագրուի մեր կողմէ, գործակցութեամբը ծանօթ մտաւորականներու՝ գաղութէս եւ արտասահմանէն: Ըլլալով հանդերձ սեփական անկախ հրատարակութիւն, ան պիտի ունենայ ուղղութիւն մը որ Լիբանանի «Արարատ» օրաթերթին[ը] եղած է եւ որուն պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը վարած եմ ամբողջ երեսունվեց տարի:
Պատիւն ունիմ Ձեզ հրաւիրելու որ աշխատակցիք «Նայիրի»ին, արձակ կամ չափածոյ ստեղծագործութիւններով: Ընդառաջելու տրամադիր գտնուելու պարագային, հաճեցէք Ձեր աշխատակցութեան ծաւալը սահմանափակել մեքենագրեալ հարիւր տողի մէջ – առաւելագոյնը – քերթուածի պարագային, իսկ մեքենագրեալ երեք հարիւր տող – դարձեալ առաւելագոյնը – արձակի պարագային: Այս սահմանափակումը, սակայն, ստիպողական չէ: Դուք Ձեզ ազատ զգացէք նիւթի ընտրութեան մէջ:[lx]
Խմբագրութիւնս պիտի գիտնայ գնահատել Ձեր գործակցութիւնը: Յայտնենք, թէ «Նայիրի»ի անդրանիկ թիւը մտադիր ենք լոյս ընծայել եկող Մարտ-Ապրիլի ընթացքին: Պիտի ուզէինք Ձեր առաջին աշխատակցութիւնը ունենալ մինչ այդ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ եկող Ապրիլը 80-ամեակն է Հայկ. Ցեղասպանութեան: Այդ թեմայով ալ հաճեցէ՛ք ստեղծագործութիւնը ուղարկել մեզի:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
Ժիրայր Նայիրի [ստոր.՝ Ժիրայր Նայիրի]
Պատասխանատու տնօրէն «Նայիրի»ի
Ծ.– Մեր խմբագրատան հասցէն է՝ «Նայիրի» շաբաթաթերթ, Պէյրութ,
Խալիլ Պետեւի փողոց, թիւ 167, Լիբանան:
Գրութիւնները կարելի է հասցէագրել նաեւ թերթի նամակատուփին՝
«Նայիրի» շաբաթաթերթ, նամակատուփ 113-5186, Պէյրութ, Լիբանան
Ֆաքս՝ 009611-402471
Հեռաձայն – գրաս.՝ 44-98-13, բն.՝ 88-27-30
* * *
- «Նոր Օր» թերթի խմբագրութենէն
“Nor Or” Semi-Weekly Armenian Newspaper
«ՆՈՐ ՕՐ» Ազգային – Գրական – Հասարակական – Քաղաքական Եռօրեայ Թերթ
7466 Beverly Boulevard, Los Angeles, California 90036
Tel: (213) 933-3298
Լոս Անճելըս, 20 Դեկտեմբեր 1980[lxi]
Յարգելի բարեկամ,
Սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներուն մէջ 1981 տարեշրջանին հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան վաթսունամեակը:
Հայ սփիւռքէն ծնած եւ անոր ծառայող ազգային մեր կուսակցութեան վաթսուն տարիները յատկանշուեցան ազգանուէր եւ հայրենանուէր ընդարձակ գործունէութեամբ:
Արժանավայել կերպով նշելու համար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան վաթսունամեակը, Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի կուսակցական «Նոր Օր» պաշտօնաթերթին վարչութիւնը յատուկ խմբագրական կազմով որոշած է լոյս ընծայել «Նոր Օր»ի մեծածաւալ բացառիկ մը, 5000 տպաքանակով, աշխատակցութեամբ սփիւռքի լաւագոյն մտաւորականներուն եւ գրողներուն:
Կը դիմենք Ձեզի: Կը փափաքինք որ աշխատակցիք 1981-ի ընթացքին հրատարակուելիք «Նոր Օր»ի բացառիկին: Ձեր մասնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատենք,
որովհետեւ ծանօթ ենք Ձեր մտաւորական խոր հետաքրքրութիւններուն եւ կարողութեանց.
որովհետեւ ծանօթ ենք ազգանուէր գործի մը հանդէպ ցուցաբերած Ձեր արտասովոր գուրգուրանքին, եւ մանաւանդ՝
որովհետեւ մեր ընթերցողները բարձրօրէն վարձատրած պիտի ըլլանք հրատարակելով Ձեր աշխատութիւնը:
Կը ծրագրենք «Նոր Օր»ի այս բացառիկին մէջ տեղ տալու՝
Ա. Ողջոյնի խօսքերու.
Բ. Կուսակցութեան 60 տարիներու կեանքէն առնուած դրուագներու եւ յուշերու.
Գ. Կուսակցական-գաղափարախօսական բովանդակութեամբ գրութիւններու.
Դ. Ազգային քաղաքական գործունէութեան նուիրուած ղեկավարներու կեանքէն յուշագրութիւններու.
Ե. Գրական-ստեղծագործական զանազան սեռերու – պատմուածք, բանաստեղծութիւն, վիպակ.
Զ. Եւ ո[ր]եւէ այլ գրութեան որ լոյս պիտի սփռէր հայ գաղթաշխարհը յուզող մտահոգութեանց վրայ:
Կը փափաքինք որ Ձեր աշխատակցութիւնը առաքէք մինչեւ 1981 Մարտի վերջը: Եւ որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջութեամբ հրատարակել Ձեր յօդուածը, կը թելադրենք որ անոր ծաւալը չանցնի 2.500 բառը:
Պիտի փափաքինք անպայման ունենալ Ձեր լուսանկարը:
Եթէ անհրաժեշտ կը նկատէք գծանկարներ կամ լուսանկարներ կցել Ձեր յօդուածին, ազատ զգացէք ուղարկել զանոնք եւս:
Նոր Տարուան սեմին Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ Ձեր բոլոր ազգանուէր նախաձեռնութիւններուն՝ լիակատար յաջողութիւն:
Ի դիմաց
«Նոր Օր»ի բացառիկի խմբագրական կազմին՝
Քարտուղար՝ Նախագահ՝
[ստոր.՝ Անահիտ Ս. Օրջանեան] [ստոր.՝ Վաչէ Սեմերճեան]
Անահիտ Ս. Օրջանեան[lxii] Վաչէ Սեմերճեան[lxiii]
Առաքման հասցէ.
NOR OR Anniversary Issue
7466 Beverly Boulevard
Los Angeles, California 90036
- S. A.
* * *
- «Շարժում» թերթի խմբագրութենէն
“SHARYUM”
Seminario Armenio
Redaccion y Adminitracion
GURRUCHAGA 1428 – Tel. 72-1380
CASILLA DE CORREO No. 7 (Suc. 14)
BUENOS AIRES – R. ARGENTINA
[Պուէնոս Այրէս,] 30 Օգոստոս 1972[lxiv]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Շրջանս կը սպասէր 12-րդ համագումարին արդիւնքը Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնագրութեամբ: Օգոս. 9, 1972 թուագրեալ գրութիւնն ստացանք, հետեւեալ գրութեամբ. 12-րդ համագումարը աւարտուեց աննախընթաց յաջողութեամբ: Ձեր շրջանը ներկայացնող պատգամաւոր ընկերները անպայմանօրէն զեկուցած պէտք է ըլլան Ձեզ սոյն համագումարին մէջ ձեռք բերուած կուսակցականօրէն նուիրական որոշումներուն մասին:
Եթէ օրինաւորութիւնը այս կը պահանջէ, Դուք ներկայացուցիչի հանգամանքով համառօտ գրութիւն մը ղրկած ըլլալու էիք մեր շրջանի մասին որոշումները: Շփոթուած կացութեան ենթարկուեցանք, պատգամաւորական համագումարները 7-9 տարին տեղի կ’ըլլան, այսպէսի ժողովներուն գրութեամբ կ’ուղարկուին բոլոր շրջաններու մասնաճիւղերու վարչութեան, տեղեակ ըլլան կազմակերպութեանս շրջանային ներկայ կացութիւնէն: Այս տեսակէտը նկատի առնելով ներկայացա[յ] ընկեր Տիգրանին, ան ալ մեր տեսակէտին համաձայն էր եւ յանձնարարեց Ձեզ տեղեկագրենք: Ձեր վրայ ունեցած վստահութեամբ, օրինաւորութիւնն ո՞րն է՝ Ձերին գիտակցութեան եւ փորձառութեան կը թողունք: Ճիշդ է թէ մերին տէր եւ տիկին Կանիմեաններն ալ ներկայ էին, բայց մենք թելադրած էինք իրենց, թէ միշտ Ձեզ[ի] եւ Ժիրայրին հետ խորհրդակցելով շրջանիս շուրջ ընդարձակ տեղեկութիւններ ունենալով պիտի պահանջուէր համագումարի ժողովէն: Կը սպասենք իրենց վերադարձն եւ պիտի ունենանք շրջանային ժողովը:
Կեդր. Վարչութեան կողմէ ստորագրուած էր Յ. Կուժունի, քարտուղար՝ տոքթ. Ա. Վանատուր:
Սիրելիս, 70-ը անց եմ, լեարդի եւ սրտի տագնապ ունեցած եմ, այս անտանելի վիճակիս կ’աշխատիմ [որ] շրջանիս կազմակերպութիւնն շարունակէ հայրենասիրական գաղափարով գաղութիս մէջ հայապահպանման աշխատանքներուն, մերին պաշտօնական օրկան «Շարժում» թերթը չի դադրի: Նկատի առէք թէ սկզբունքի եւ կամքի տէր ենք: Եթէ սպասէինք Կեդր. Վարչութեան խոստումները, շատոնց դադրած էր «Շարժում» թերթը, նաեւ Ս. Դ. Հնչակեանութիւնը: Եթէ կարելին ըլլար նահատակուած Քսաններէն յարութիւն առնէին, Կեդրոնական Վարչութեան երեսնին կը թքնէին. այսպէսի գաղութին համար անտարբեր մնացին, իրենց նպատակը եղբօրը համար հասոյթի աղբիւր դարձնել էր:……….
Բայց մեր երազները մասամբ իրականացուցինք: Ակումբի տէր եւ անոր շուրջ 100-է աւելի նախընտրեալ երիտասարդութիւն, շաբաթը 2 օր հայերէն դասընթացքներ կը տրուին ձրիաբար: Ուսուցչուհիներն են Ատրինէ Ֆերմանեան, Անի Մուշեան։[lxv] Ամիսը անգամ մը Ս. Դ. Հ. Կուսակցութեան պատմութիւնէն կը թարգմանեն սպաներէնի, դասախօսութիւն կու տայ Էտուարտօ Ասիլեանը: Սիրելիս, ամսոյս 17-ին երիտասարդները կազմակերպեցին դասախօսութիւն եւ տպաւորութիւններ Հայրենիքէն Տիգրան Միւրէքեանի հիմնարկութեան կողմէ Հայրենիք այցելողներէն տեղւոյս «Գլարին» թերթի պաշտօնակից Նաբոլիոն Գապրերան, Մարաշ սրահին մէջ 50 տեղական մտաւորականներու ներկայութեամբ եւ 300-է աւելի ազգայիններ, որ 80/100 երիտասարդներ, մնացեալը տարեցներ: Սրահը շատ նեղ եղած է: Վերջը 80-ի մօտ անձնաւորութիւններու լանչ մը սարքուեցաւ: Գաղութիս մէջ, Հայրենիքէն վերադարձեալներու դասախօսութիւնները երբեք չեն ունեցած այսքան ժողովրդականութիւն: Սիրելիս, մեր շրջանը, շնորհիւ Միւրէքեան Հիմնարկութեան, պիտի ունենանք ուղղակի յարաբերութիւն, մեր պահանջներուն գոհացում պիտի տրուի, եւ գաղութիս մէջ աւելի վստահութիւն ունեցած են մեր կազմակերպութեան անկեղծ հայրենասիրութեան: Կը պարտինք մեր դրօշակը Տիգրան Միւրէքեանին: Բայց ցաւալի է որ անկուսակցական վարձու խմբագիր ունինք: Պատասխանատուն՝ Կեդր. Վարչութեան անտարբերութիւնը: Եթէ ունենանք կատարեալ մտաւորական եւ ունենայ Ս. Դ. Հ. Կուսակցութեան ներշնչումներով, առաջին տեղը կը գրաւենք: Գաղութիս մեծամասնութիւնը մերն է: Ազգայիններ որոնք հայրենասէրներ են, մեզ[ի] հարցում կ’ընեն՝ ինչո՞ւ «Շարժում»ը 2 թիւ չենք հաներ, ինչո՞ւ Ձեր կեդրոն[է]ն հնչակեան մտաւորական չեն ղրկեր: Միայն կը պատասխանենք՝ կ’աշխատինք այն խնդրոյ մասին: Սիրելիս, մենք պիտի ունենանք լինոթիպը, պիտի յանձնենք այն գործիչի[ն, որ] այն մեքենայով առեւտրական գործեր ալ ընէ եւ իրեն ապրելակերպն ալ նկատի պիտի առնենք: Այս մասին միշտ գրած ենք, գալիք գործիչի պայմանները տեղեակ պահեն մեզ, բայց ո՛չ մէկ պատասխան: Մեր շրջանը եթէ այսպէս շարունակէ եւ Յ. Կուժունիի քմահաճոյքին համար, պիտի տուժէ կազմակերպութիւնն, մեզի կը մնայ այն վարչութեան ենթակայ չըլլալ:
Սիրով բարեւներս Ձեզ[ի] եւ Ձեր ազնիւ տիկնոջդ:
[ստոր.՝ Ֆերմանեան]
Երկրորդ էջին ամենէն վերը, էջին, գրուած է․ Նայիրիին ալ նամակ գրած եմ, եթէ կարելի է, հանդիպում ունեցէ՛ք եւ վերջը պատասխանեցէք: Նայիրիէն ալ կը սպասեմ պատասխան։
Նոյն
* * *
- «Շինարար» թերթի խմբագրութենէն
CHINARAR
(LE BATISSEUR)
Publication de l’U. G. A. B.)
11, Square Alboni
PARIS 16e
Tél.: TRO 03-18
- C. P. Paris 8019-72
Փարիզ, 26 Յուլիս 1962[lxvi]
Յարգելի տիար Պ. Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Յարգելի տիար,
Շնորհակալութեամբ ստացած եմ «Աշոտ Պատմագրեանի Յոբելեանը» հատորը: Ստացուած են նաեւ Նուպարեան Մատենադարանի համար ղրկուած օրինակները:
Հաճեցէ՛ք պ. Պատմագրեանի հաղորդել մեր սիրալիր բարեւները:
Յարգանքներով՝
[ստորագրութիւն]
Յովհ. Պօղոսեան[lxvii]
* * *
[i] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթի հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Կրկնօրինակ։
[ii] «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթի 1986 Դեկտեմբերի թիւերէն սկսեալ յաջորդաբար լոյս տեսան հայ եւ արաբ երեւելի դէմքերու խօսքերը Գառնիկ Ադդարեանի մասին։ Պէպօ Սիմոնեանի «Գրական դիմաստուեր Գառնիկ Ադդարեանի» վերնագրուած խօսքը թերթին մէջ հրատարակուեցաւ ամիսներ ետք՝ թիւ 170, 8 Մարտ 1987-ի համարի 6-րդ էջին մէջ։
[iii] Համակարգչային շարուածք եւ բազմացուած՝ «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթի հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Բնագիր։
[iv] Որքան յայտնի է մեզի՝ նամակին մէջ նշուած բացառիկ համարը լոյս չէ տեսած:
[v] Գրիգոր Համամճեան – Լիբանանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Հայկական Kազմակերպութեան ղեկավարներէն, կուսակցութեան հիմնած ու անոր պատկանող «Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ – Թեքնոփրես» տպարանին տնօրէնը։ 1980-90-ականներուն եղած է Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Վարչութեան անդամ, որոշ տարիեներ՝ անոր նախագահը։
[vi] Յաջորդ՝ մինչեւ 1995 նամակներու պարագային, զանց ըրած ենք կրկնել այս վերտառութիւնը: 1986-էն սկսեալ փոխուած է միայն հեռաձայնի թիւը: Նոր թիւերն են՝ 442 634, 444 390:
[vii] Գրամեքենագրուած՝ եռալեզու՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[viii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[ix] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[x] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xi] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xii] Համակարգչային շարուածք՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xiii] Միհրան Մելքոնի Սեֆերեան։
[xiv] Համակարգչային շարուածք՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xv] Համակարգչային շարուածք՝ հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xvi] Համակարգչային շարուածք՝ հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xvii] Հոս «ցանկացած» բառը ռուսաբանութիւն է։ Հայերէն համարժէքն է՝ «որեւէ»։
[xviii] Այսպէս է բնագիրին մէջ:
[xix] Այսպէս է բնագիրին մէջ:
[xx] Համակարգչային շարուածք՝ հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xxi] Աւետիս Փոշօղլեան (ծնած է 1965-ին՝ Պէյրութ) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի գործիչ, պատմաբան, խմբագիր, հրապարակագիր, ուսուցիչ։ Յաճախած է Ազգ․ Ռուբինեան Վարժարան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճ։ 1984-1990-ին ուսանած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունքին մէջ։ 1993-2002-ին հայագիտական նիւթեր դասաւանդած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճին, 2002-2005-ին՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ 1994-2000-ին վարած է «Արարատ» օրաթերթին խմբագրութիւնը։ 2005-էն Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կիպրոսի Վարիչ Մարմինի անդամ է, 2011-էն՝ անոր ատենապետը։ Բեղուն աշխատակցութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ բերել սփիւռքահայ մամուլին։
[xxii] Համակարգչային շարուածք՝ հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ՝ հեռապատճէնի թիւը աւելցուած։ Բնագիր։
[xxiii] Համակարգչային շարուածք՝ հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ՝ հեռապատճէնի թիւը աւելցուած։ Բնագիր։ Արաբերէն շարադրանքի քերականական անհարթութիւնները բնագիրինն են։
[xxiv] Ձեռագիր՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վարը տպուած է՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։ Ինքնագիր։
[xxv] Երուանդ Մելքոնեան (1944-1997) – Պատմա-բանասէր, խմբագիր, դիւանագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու: Դասախօսած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, Երեւանի Պետական Համալսարանին եւ Մայր Աթոռի Հոգեւոր Ճեմարանին մէջ, ատեն մը խմբագրած է Մայր Աթոռի «Էջմիածին» ամսագիրը։ 1993-ին նշանակուած է Լիբանանի մէջ Հ․ Հ․ի գործերու հաւատարմատար, 1996-ին՝ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Յանկարծամահ եղած է 23 Դեկտեմբեր 1997-ին՝ Նիւ Եորքի մէջ, ուր գացած էր այցելելու որդիին։
[xxvi] Արի Թօփուզխանեան (ծնած է 1936-ին՝ Պէյրութ) – Ֆրանսահայ ճարտարագէտ-գիտնական, դասախօս, խմբագիր, հեղինակ: Ուսանած է Պէյրութի Ազգ․ Սահակեան Վարժարանին, ֆրանսացի ֆրէրներու, Պէյրութի Ճարտարագիտութեան Բարձրագոյն Դպրոցին եւ Լիոնի Համալսարանին մէջ։ Աշխատած է Ֆրանսայի գիտահետազօտական հիմնարկներու մէջ։ 1976-էն առ այսօր խմբագիրն է «Բանբեր» կրօնական ամսաթերթին։
[xxvii] Համակարգչային շարուածք՝ միայն անունը հայերէն, իսկ անունը եւ տուեալները անգլերէն ու արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xxviii] Համակարգչային շարուածք՝ միայն անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Թուականը, ստացողի եւ առաքողի հասցէները ձեռագիր են։ Բնագիր։
[xxx] «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» – Եռամսեայ պարբերական։ Հրատարակիչ՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ։ Լոյս տեսած է 1965-1972-ին՝ Պէյրութի մէջ։
[xxxi] Ամենայն հաւանականութեամբ, պարբերաթերթին այս յատուկ թիւը լոյս չէ տեսած:
[xxxii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Վերտառութիւնը եւս հաւաքուած է գրամեքենայով։
[xxxiii] «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերագիրքի 1970-ի միակ համարին մէջ – որ նուիրուած է Հայաստանի խորհրդայնացման 50-րդ յոբելեանին – Պէպօ Սիմոնեանէն որեւէ գրութիւն չկայ։
[xxxiv] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։
[xxxv] «Խօսնակ»ի ԼԶ․ տարի, թիւ 7-8, Մարտ-Ապրիլի համարի նիւթերուն մեծագոյն մասը թէեւ նուիրուած է Մեծ Եղեռնին, սակայն անոր մէջ գրութիւն չկայ Պէպօ Սիմոնեանէն։ Փոխարէնը, 80-84-րդ էջերուն մէջ լոյս տեսած է անոր տիկնոջ՝ Ազատուհի Սիմոնեանի «Խոհեր Գարօլ Էտկարեանի Rise the Euphrates վէպին առթիւ» գրութիւնը։
[xxxvi] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։: Էջին վերը, մէջտեղը, տպուած է Գոլէճին տարբերանշանը: Էջին ամենէն վարը տպուած են՝ P. O. Box 1748 – Rue de Mexique – Sanayeh – Phone 236496 – Cable: HYCOL-Beirut։ Բնագիր։ Յաջորդ նամակներուն ձեւաթուղթը նոյնն է:
[xxxvii] «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Ա․ հատոր, 1970-ի թիւին մէջ Պէպօ Սիմոնեանէն որեւէ գրութիւն չէ հրատարակուած։ Ըստ երեւոյթին, անախորժութիւն մը պատահած է․ այս մասին տե՛ս Երուանդ Հ․ Քասունիի 15 Յուլիս 1971 թուակիր նամակին յետգրութեանը այս նամականիին մէջ։
[xxxviii] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xxxix] «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Բ․ հատոր, 1971-ի թիւին մէջ (էջ 227-261) լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի «Վերլուծումի եւ գնահատանքի փորձ Հայաստանի երիտասարդական բանաստեղծութեան մասին» ուսումնասիրութիւնը, վերջաւորութեան՝ անգլերէն մէկ երրորդ էջ ծաւալի ամփոփումով։
[xl] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Յետգրութեանը ձեռագիր է։ Բնագիր։
[xli] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xlii] «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Գ․ հատոր, 1972-ի թիւին մէջ Պէպօ Սիմոնեանէն որեւէ գրութիւն չէ հրատարակուած։
[xliii] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Յետգրութեանը ձեռագիր է։ Բնագիր։
[xliv] «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Դ․ հատոր, 1973-ի թիւին մէջ (էջ 345-348) հրատարակուած է Պէպօ Սիմոնեանի «Գառնիկ Ստեփանեան, «Կենսագրական բառարան», Ա․ հտր․, Ս-Թ, Երեւան, 1973, 382 էջ» վերնագրուած գրախօսութիւնը։
[xlv] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xlvi] «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Ե․ հատոր, 1974-ի թիւին մէջ Պէպօ Սիմոնեանէն որեւէ գրութիւն չէ հրատարակուած։
[xlvii] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xlviii] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xlix] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[l] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[li] Հոս եւ երկու տող վար մականունը գրամեքենագրուած է «Սիմենեան»։
[lii] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[liii] Գրամեքենագրուած՝ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[liv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Թուականն ու ստացողին անունը ձեռագիր են։ Բնագիր։
[lv] Համակարգչային շարուածք՝ անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վերը, մէջտեղը, տպուած է համալսարանին տարբերանշանը: Էջին վարը տպուած են հետեւեալները՝ P. O. Box 11-1748 – Rue Mexique – Kantari – Beirut – Lebanon – telefax (01)349230, 349231, 353010, 353011, 353012։
[lvi] «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Զ․ հատոր, 1977-1978-ի միացեալ թիւէն մինչեւ ԺԸ․ հատոր, 1998-ի թիւը ներառեալ, Պէպօ Սիմոնեանէն լոյս տեսած է ընդամէնը երեք գրութիւն․ «Փարիզի «Մենք»ին տեղը սփիւռքահայ գրական մամուլի պատմութեան մէջ», ԺԲ․ հատոր, 1992, էջ 209-226։ «Գրախօսութիւն – Վահէ Վահեան գրականագէտը («Բերքահաւաք»ի երրորդ հատորին առիթով)», ԺԳ․ հատոր, 1993, էջ 360-371։ «Արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ ձգտումներու հանդիսավայր «Մեհեան»ը», ԺԷ․ հատոր, 1997, էջ 439-463։
[lvii] Ձեռագիր՝ «Մասիս» շաբաթաթերթի հայերէն ու անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի երկու երեսներուն վրայ։ Բնագիր։
[lviii] Համակարգչային շարուածք՝ «Մասիս» շաբաթաթերթի հայերէն եւ անգլերէն անուններով տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[lix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[lx] Պէպօ Սիմոնեան բեղուն աշխատակցութիւն պիտի բերէր Ժիրայր Նայիրիի խմբագրած «Նայիրի» պարբերաթերթին։
[lxi] Գրամեքենագրուած՝ «Նոր Օր» թերթի անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[lxii] Անահիտ Ս․ Օրջանեան-Պասմաճեան (1944-1997) – Կուսակցական եւ հասարակական գործիչ Ռ․ Ա․ Կ․ի եւ Թ․ Մ․ Մ․ի Արեւմտեան Ա․ Մ․ Ն․ի շրջանակներուն մէջ։ 1980-ականներու կէսին եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագրութեան անդամ։
[lxiii] Վաչէ Սեմերճեան (ծնած է 1938-ին՝ Պէյրութ) – Ռ․ Ա․ Կ․ի, հասարակական եւ կրթական գործիչ, խմբագիր։ 1976-ին հաստատուած է Լոս Անճելոս։ Եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Արեւմտեան Ա․ Մ․ Ն․ի Շրջանային Վարչութեան եւ Թ․ Մ․ Մ․ի Լոս Անճելոսի Վարչութեան ատենապետ, անդամակցած Թ․ Մ․ Մ․ի Ա․ Մ․ Ն․ի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի եւ Հ․ Ե․ Ը․ի զանազան կառոյցներու։ 2000-2005-ին խմբագրած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Արեւմտեան Ա․ Մ․ Ն․ի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր» շաբաթաթերթը։
[lxiv] Ձեռագիր՝ «Շարժում» թերթի միայն սպաներէն վերտառութեամբ պաշտօնական երկու ձեւաթուղթերու վրայ։ Բնագիր։ Նամակը կը վխտայ ուղղագրական սխալներով եւ շարադրական անհարթութիւններով: Ուղղագրական սխալները ուղղած ենք։
[lxv] Անի Մուշեանը (1948-2025) 1981-ին ամուսնացած էր 1976-ին Լիբանանէն Արժանթին գաղթած հնչակեան գործիչ, ուսուցիչ, տնօրէն եւ խմբագիր Սամօ/Սամուէլ Սարգիսեանի հետ։
[lxvi] Գրամեքենագրուած՝ «Շինարար» թերթի միայն ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[lxvii] Յովհաննէս Պօղոսեան (1889-1972) – Ռ․ Ա․ Կ․ի կուսակցական եւ մամուլի գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր։ Եղած է խմբագիր կամ խմբագրութեան անդամ Ռ․ Ա․ Կ․ի կամ անոր համակիր թերթերու Կ․ Պոլսոյ, Փարիզի եւ Գահիրէի մէջ՝ «Ժողովուրդի Ձայնը», «Ապագայ», «Արեւ» եւ այլն։ Եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։