ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԱՌԱՔԱԾ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ – ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ (Ա.)

Ա.– ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ

 

  1. Լիլի Ադամեանին

 

[Պէյրութ,] 31 Հոկտեմբեր 1985[i]

 

Ազնիւ տիկին Լիլի Ադամեան,

Աստ.

Կը գնահատեմ ազնիւ մտածումդ Վահան Տէրեանի իմ խմբագրած «Հատընտիր»ի մասին յօդուած գրելու եւ ըստ արժանւոյն գնահատելու կատարուած խմբագրական աշխատանքն ու հրատարակչական նախաձեռնութիւնը:

Շատ բնական կերպով Վ. Տէրեանի «Հատընտիր»ին առիթով գրի առնուած խոհերուդ մէջ արտայայտած ես նաեւ քու տպաւորութիւններդ Վահան Տէրեանի մասին, որպէս բանաստեղծ եւ քաղաքացի, ինչ որ կը կազմէ քու գրականագիտական ծանօթութիւններուդ ծիրը:

Իմ ցանկութիւնս այն է, որ դուն որպէս ստորագրութիւն յաճախ երեւիս «Արարատ»ի էջերուն, քու նախասիրած նիւթերուդ մասին:

 

Այդ յոյսով, բարեկամաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

  1. Ալֆոնս Ադդարեանին

 

[Պէյրութ,] 14 Դեկտեմբեր 1981[ii]

 

Սիրելի Ալֆոնս Ադդարեան,[iii]

Ուրախութեամբ կարդացի մամուլին մէջ արձակ հատորիդ Գէորգ Մելիտինեցիի մրցանակին արժանանալով հրատարակութեան[iv] հրճուալից լուրը:

Սոյս երկտողով կ’ուզեմ յայտնել խնդակցութին:

Արժանաւորութեան մասին ոչ մէկ խօսք, որովհետեւ սփիւռքահայ օժտուած արձակագիրներէն ես: Բայց այս առիթով ուրախութեանս տուն տուող պատճառներէն մէկն ալ մրցանակի դատական կազմի լայնախոհութիւնն է, որ հայ գրական կեանքի ողջմտութեան մասին գեղեցիկ վկայութեան մը ապացոյցը կը կազմէ:

Կը շնորհաւորեմ յաջողութիւնդ եւ մրցանակով պսակումդ:

Յուսամ, լոյս տեսնելէ ետք, չես մոռնար բարեկամացդ մէջ զիս ալ նկատի ունենալու եւ օրինակ մը ղրկելու:

Կը սպասեմ գիրքդ ստանալու եւ զայն կարդալու առիթը: Մինչ այդ կը սեղմեմ ձեռքդ այս գրական բաղդաբեր յաջողութեան համար եւ անկեղծօրէն կը մաղթեմ ստեղծագործական լիառատ տարիներ:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

3 Մառի Աթմաճեանին

 

[Պէյրութ,] 13 Փետրուար [1]967[v]

 

Ազնիւ եւ սիրելի բանաստեղծուհի Մարի Աթմաճեան,

Շնորհակալութեամբ ստացայ Ձեր 28 / 11 / 966 թուակիր նամակը: Ներող եղէք, որ որոշ յապաղումով մը կը պատասխանեմ Ձեր այդքան անկեղծ եւ սրտաբաց նամակին: Կրնա՛ք երեւակայել բազմազբաղ վիճակս:

Ընդունեցէ՛ք, ազնիւ քերթողուհի՛, իմ շնորհակալական զգացումներս, Ձեր արտայայտած գնահատական եւ փաղաքշական տողերուն համար հրատարակած գրքոյկիս առիթով[vi]: «Շնորհակալ եմ» կ’ըսէք «Ձեր ազնիւ ուշադրութեան համար»: Միթէ՞ կրնայիք վրիպիլ իմ ուշադրութենէս, որպէս գաղթահայ գրականութեան, կարծեմ, եթէ չեմ սխալիր, միակ բանաստեղծուհի ներկայացուցիչը: Հազուագիւտ են մեր մէջ, մասնաւորաբար սփիւռքահայ գրական իրականութեան մէջ, կին գրողները: Հայրենիքի կին գրագիտուհիները աւելի՛ են քանակով, հասկնալի պատճառներով: Առանց պահելու ըսեմ, թէ մեր կին գրողներու, հասարակական կեանքի մէջ դեր ունեցող մշակոյթի տէր կիներու հանդէպ մասնաւոր յարգանք տածած եմ ու կը շարունակեմ տածել… Հետեւած եմ Ձեր գրական-ստեղծագործական ճիգերուն… եւ վաստակին: Այս առիթով ըսեմ նաեւ թէ ձեռնարկած եմ ուսումնասիրութեան մը՝ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան յիսնամեայ վաստակին նուիրուած: Յաջողելու պարագային զայն պիտի ներկայացնեմ նաեւ որպէս թէզ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային: Շնորհակալ պիտի ըլլամ, եթէ այս ուղղութեամբ Ձեր գործակցութիւնը չզլանաք: Որպէս սփիւռքահայ բանաստեղծութեան օժտուած դէմքերէն մին, կը դիմեմ Ձեզի որ ուղարկէք ինծի, ուսումնասիրութեանս համար, Ձեր ցարդ հրատարակած բանաստեղծական հատորները: Գիրքի մուրացկանութիւն չէ որ կ’ընեմ այս խնդրանքովս: Եթէ կարելի ըլլար գնել այստեղ, սիրով պիտի տրամադրէի անհրաժեշտ գումարը: Տարբեր հարց թէ կատարելիք ուսումնասիրութիւնս գնահատութիւնը պիտի ըլլայ սփիւռքահայ յիսնամեայ բանաստեղծական վաստակին: Ճիշդ է թէ ընդարձակ գործ մըն է, սակայն երիտասարդական խանդս ու ճիգերս ի գործ պիտի դնեմ գլուխ հանելու համար այս գրական օգտակար ծրագիրս: Կը սպասեմ որ, գէ՛թ, սփիւռքահայ բանաստեղծները օգնեն եւ դիւրացնեն գո՛րծս, գործակցելով: Այսպէս, Ձեզմէ կը սպասեմ նաեւ ցարդ Ձեր գիրքերու մասին գրուած գրախօսականներու, յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու ցանկը թերթերուն եւ գրողներուն անուններով եւ թուականներով, եթէ Ձեր տրամադրութեան տակ ունիք, կամ յիշողութեամբ կրնաք վերարտադրել… Այս մէկը եւս շատ կարեւոր է… Ուսումնասիրութեանս կ’ուզեմ տալ գիտական բնոյթ: Ուսումնասիրուած իւրաքանչիւր բանաստեղծի մասին պիտի պատրաստեմ, որքան կարելի է, ամբողջական մատենագիտութիւն մը: Այս մէկը եւս նկատի ունեցէք եւ վստահ եմ որ փոքր ճիգով մը կրնաք Ձեր հատորներու մասին գրուած գրախօսականներու, յօդուածներու ցանկը պատրաստել… Որքան կանուխ՝ այդքան լաւ: Այսքանը՝ փակագիծի մէջ:

Հիմա դառնանք Ձեզի: Ի՞նչ նոր գրական-ստեղծագործական մտայղացումներ ունիք մօտիկ ապագային համար: Հետաքրքրական է գիտնալ: Դուք ալ ճամբորդելու ծրագիրներ չունի՞ք դէպի Լիբանան: Զ. Որբունիէն[vii] եւ Բ. Թոփալեանէն[viii] ետք: Գրական իմաստով ալ կրնայ օգտակար ըլլալ Ձեզի համար: Կը սպասենք: Ի՞նչ տպաւորութիւններով վերադարձաւ գրագէտ Հրաչ Զարդարեանը[ix]: Ո[ր]եւէ ձեւով առիթ եղա՞ւ հրապարակային հանդիսութեամբ մը իր տպաւորութիւնները տալու: Ճիշդ է թէ Հայաստանի գրողներու Ե. համագումարը[x] իր ամբողջ տեւողութեան ընթացքին տեղի ունեցած է անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ եւ բարձրորակ մակարդակի վրայ, սակայն սփիւռքահայ գրականութեան ներկայացուցիչները անտեսուած են դարձեալ[xi], չեմ ըսեր դիտումնաւոր կերպով, այլ անուշադրութեան հետեւանքով: Պէտք է խօսք տրուէր նաեւ անոնց: Լսելովս, միայն բանաստեղծ Գ. Ադդարեանը ելոյթ ունեցած է[xii]:

Յուսամ դուք ալ ստացաք համագումարին խօսուած պերճիմաստ ճառերը: Մասնաւորաբար Պ. Սեւակինը եւ Գէորգ Էմինինը[xiii]: Յուսադրող են եւ լաւատեսութեամբ կը տոգորեն խորհրդահայ գրականութեան ապագայով խանդավառ գրողներն ու մտաւորականները: Ինչ կը վերաբերի սփիւռքահայ գրականութեան գնահատութեան եւ այդ ուղղութեամբ առնուած որոշումներուն[xiv], մեծ բաներ չե՛ն, սակայն եղածն ալ մեզ կ’ուրախացնէ նկատի ունենալով անցեալի անտեսումներն ու նեղմտութիւնները: Յուսամ ստացաք «Սփիւռքահայ գրողներ» շարքէն, [«]Հայաստան[»] հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած Ա. Սեմայի[xv] երկերը[xvi]: Երանի թէ նոյն ձեւով շարունակուի այդ շարքը: Մեզի կը մնայ մաղթել որ անխափան կերպով շարունակուի:

Սպասելով Ձեր դրական պատասխանին եւ ուսումնասիրութեանս գործակցելու բարի եւ գործնական լուրին եւ տրամադրութեան, մնամ յարգանքներով՝

 

[ստորագրութիւն՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

Առաջին էջին վերը, նամակի առաջին տողին եւ էջի վերին սահմանին միջեւ եղած բացակին մէջ գրուած է.

Սիրելի՛ տիկին Աթմաճեան, ինչպէս պիտի նկատէք, սոյն նամակը որպէս պատասխան գրած էի Ձեր նամակին, Փետրուար ամսուան մէջ: Նամակս բաւական ճամբորդելէ ետք, վերադարձաւ ինծի կ’երեւի սխալ հասցէի գործածութեան պատճառաւ: Այս անգամ կը ղրկեմ Հր. Բալուեանի[xvii] հասցէով: Յուսամ ստանալէ ետք կը գրէք:

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] Դեկտ[եմբեր 1]967[xviii]

 

Գրագիտուհի Մարի Աթմաճեանին.

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ:

Հայուն Կաղանդը տարի մը եւս կ’անցնի օտարութեան ցուրտ ափերու վրայ:

Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 70-ամեակին առիթով Հայրենիք կատարած Ձեր այցելութեամբ ջերմացուցիք ձեր հոգիին ցուրտը: Թող այդ առիթները միշտ ըլլան, որպէս մեր սփիւռքի մէջ գոյատեւման հայրենասիրական ներարկումներ:

 

Յարգանքներով

[ստորագրութիւն՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Զոհրապ եւ Վալան Աղամանուկեաններուն

 

[Պէյրութ,] 29 Հոկտեմբեր 1983[xix]

 

Սիրելի Վալան եւ Զոհրապ Աղամանուկեաններ,[xx]

Երեւան.

Սիրելիներ,

Գիտեմ թէ աւելի կանուխ կը սպասէիք այս նամակս: Հազիւ ինքզինքս կազմակերպելով սկսայ նամակագրութեանս: Դուք առաջիններէն էք: Չէր կրնար տարբեր ըլլալ: Այս անկեղծ եւ սրտաբաց հարազատութիւնը, որ ցուցաբերեցիք, զիս ոչ միայն տպաւորած է, այլ՝ շնորհապարտ կը պահէ Ձեր ընտանիքին նկատմամբ: Կը մտածեմ, որ ինչպէ՛ս տակէն պիտի ելլեմ: Մէկ առ մէկ վերադարձէս ի վեր կը պատմեմ Ազատին: Օրագրիս ընթերցումէն ի յայտ եկաւ, որ քանի՜ անգամ Ձեր հարազատ տան մէջ հիւրասիրուած եմ: Եթէ այդքան հարազատ չզգայի, չէի գար արդէն: Նկարագրիս խորթ է այդ մէկը: Յատուկ կերպով Ձերիններուն այցելելով՝ պատմեցի նաեւ անոնց Ձեզի հետ անցուցած բոլոր պահերս: Սարքուած ճաշկերոյթները: Իրապէս շատ կը գնահատեմ Ձեր ազնուական վերաբերումը, որ սեփական օճախէն հեռու, զգալ չտուիք այդ հեռաւորութիւնը Ձեր մօտիկութեամբ: Քիչ պիտի ըլլայ ըսել շնորհակալ եմ:

Ինչ որ յանձն առած էի Ձեզմէ, թելադրուած անուններուն յանձնած եմ արդէն:

Լիբանանի կացութիւնը մտահոգիչ պայմաններով կը շարունակուի: Հակառակ յայտարարուած զինադուլին, կոյր ռմբակոծումները օր մը հոս, օր մը հոն անապահովութեան եւ սարսափի մթնոլորտ կը ստեղծեն: Լիբանան ապրողներու հոգեվիճակը տխուր է եւ անորոշ այս պատճառով:

Գօգօն չեկած սկսած էի այս նամակը: Ահա՛ գալէն մօտ ամիս մը ետք կը վերջացնեմ: Գօգոյին վերադարձով ուրախ ենք: Ինք ալ ուրախ է մեզմով: Հասնելէն ի վեր փնտռտուքի մէջ է: Տեսնենք ի՛նչ ընթացք պիտի առնէ իր կեանքը: Յամենայնդէպս, Գօգոյին նկատմամբ եւս Ձեր ցուցաբերած վերաբերումը վեր է ամէն գնահատանքէ: Ինք լաւ գիտէ այդ մէկը:

Լիբանանի այս կացութեան մէջ Հայաստանէն ըլլալիք հրաւէրներու մասին կարելի չէ մտածել: Ուստի Ալպերթ Աղամանուկեանը չմտածէ թէ մոռցած եմ իր եւ նկարիչ տղուն կատարած խոստումս: Ո՛չ քաղաքական պայմանները թոյլատու են, ո՛չ ալ ապահովութեան կացութիւնը: Խաղաղ օրերու յատուկ ձեռնարկ մը պիտի ըլլայ այդ մէկը: Յայտնեցէք իմ կողմէս որ խաղաղութիւնը անմիջապէս, որ վերադառնայ Լիբանան, լաւագոյն կերպով կը կազմակերպենք: Յուսամ Մանոն Ձեր շունչին տակ կ’աճի, թէկուզ չար ու անհանդարտ: Բայց տան զանգակն է ան: Առանց անոր՝ տունը ամայութիւն է: Մարինէին յայտնեցէք իմ լաւագոյն տպաւորութիւններս: Չմոռնաք նահապետական Մաման:

Այսօր՝ այսքան: Մերոնք կը բարեւեն:

 

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 23 Յուլիս 1985[xxi]

 

Սիրելի Վալան եւ Զոհրապ Աղամանուկեաններ,

Երեւան.

Եթէ ոչինչ չպատահի եւ ամէն ինչ ծրագրուած ձեւով ընթանայ, Սեպտեմբերի առաջին օրերուն ուսանողական վիզայով Երեւան պիտի ըլլամ: Անցեալ տարուընէ ընդունուած էի հեռակայ կարգով ասպիրանտուրայի թէզս պաշտպանելու: Մեր երկրին խառնակ կացութեան եւ անցագրային կարգ մը դժուարութիւններու պատճառաւ անցեալ տարի չկրցայ գալ: Գեղամ Սեւանին[xxii] ալ նամակ գրեցի, որովհետեւ թէզիս պաշտպանութեան գծով ցանկութիւն յայտնած էր, որ ղեկավարս ինք ըլլայ: Եւ արդէն, եթէ իրականանայ այս ծրագիրը, Ձեր տան մէջ Գեղամին հետ խօսակցութիւնէն ծնաւ գաղափարը: Զոհրապը եւ ինք քաջալերեցին եւ համոզեցին զիս: Յուսամ իմ այցելութեանս շրջանին Երեւանէն դուրս չէք ըլլար: Հիմա, Երեւան, ընտանեկան հարազատութեան տեսակէտով միայն դուք կաք: Բարեկամներ շատ կան, բայց ընտանեկան հարազատութիւնը ուրիշ է: Այդ հարազատութիւնէն քաջալերուած, քանի ուսանողական վիզայով պիտի գամ՝ պէտք է հանրակացարան մնամ: Ինծի համար քիչ մը դժուար է: Արդեօք 15 օրուան համար զիս ձեր տան մէջ ընդունելու ի վիճակի պիտի ըլլա՞ք: Կասկած չունիմ ձեր անկեղծութեան:

Լիբանանի մէջ ո՛չ ամբողջական խաղաղութիւն կայ, ո՛չ ալ պատերազմական ամենօրեայ վիճակ: Յանկարծ կը բռնկի անտրամաբանականօրէն եւ յետոյ կը կենայ: Չես գիտեր ե՞րբ կը բռնկի, ե՞րբ կը կենայ: Այս է, որ լիբանանցին կը մաշեցնէ: Նախաձեռնութիւնէ կը զրկէ: Ճամբաները կրկին փակ են: Ամիս մը բաժնուած ապրելէ ետք ընտանիքնիս հազիւ թէ միաւորուած էր՝ կրկին բաժնուեցաւ: Ազատուհին եւ մանչերս արեւմտեան Պէյրութ կը մնային: Դպրոցները փակուելէն ետք միացանք, իսկ հիմա Ազատուհին ամառնային դպրոցի համար անցաւ, հոն կը մնայ, ես եւ մանչերս արեւելեան Պէյրութ կը մնանք: Շաբաթը անգամ մը կ’անցնի: Ահա՛ մեր կեանքին տարօրինակութիւնը: Միայն Աստուած գիտէ երբ վերջ պիտի գտնէ մեր կեանքին այս տարօրինակութիւնը: Բայց մենք հաւատքով լեցուն ենք:

Անցեալ շաբաթ Պերճուհիենց[xxiii] այցելեցինք Ամերիկայէն իրենց վերադարձին առիթով: Բաւական զրուցեցինք եւ մխիթարեցինք զիրենք: Բաւական դժուար է իրենց կեանքը: Իրենք՝ հոս, երեք մանչերը՝ Ամերիկա: Լութֆիկը առայժմ մտադիր չէ փոխադրուելու: Մինչեւ ե՞րբ կրնան համբերել եւ հանդուրժել:

Տոքթ. Գրիգոր Գալայճեանը[xxiv] իր քլինիքը ունենալէ ետք գործունեայ եւ աշխատունակ տարի մը բոլորեց: Յաճախորդները ընդհանրապէս գոհ կը մնան իրմէ: Գնահատուած է: Եթէ քաղաքը այս կացութեան մէջ չգտնուէր, նկատի ունիմ տնտեսական «քրիզ»ը, աւելի շուտ տեղ կը հասնէր: Մենք աճապարողը չենք, բայց ինք մեզի պէս չի մտածեր:

Եթէ յաջողիմ գալ եւ ձեզի հետ ըլլալ՝ բաւական այս հարցերու[ն] մասին կը խօսինք:

Յուսամ դուք հանգիստ էք: Մանոն անշուշտ մեծցաւ: Կը խօսի: Վստահ եմ՝ իրմով ուրախ էք: Մենք ալ՝ ձեզի չափ:

 

Սիրալիր բարեւներով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

  1. Յակոբ Աղայեանին

 

[Պէյրութ,] 4 Փետրուար 1986[xxv]

 

Սիրելի Յակոբ (Հալէպ),[xxvi]

Յուսամ մամուլէն տեղեկացար վերջին արձակ հատորիս մասին: Օրինակ մը կը ղրկեմ քեզի: Ինչպէս մամուլով գրուած էր եւ գիրքին մէջ ալ արձանագրուած, գիրքին մեկենասն է եղբայրս՝ տոքթ. Գրիգոր Գալայճեան: Հասոյթը պիտի յատկացուի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի կարօտեալ աշակերտներու կրթական ֆոնտին: Այս գաղափարը կը քաջալերէ զիս, որ դիմեմ Հալէպի մեր շրջանակին, որ 50 օրինակ ստանձնէ սպառելու համար մեր շրջանակէն ներս: Թէ՛ ինծի անձնապէս քաջալերութիւն մը պիտի ըլլայ եւ թէ՛ հասոյթին յատկացման նպատակին համար: Եթէ կը խորհիս, որ առաջարկս տեղ կը գտնէ, պաշտօնական նամակով մը դիմեմ: Հաճիս գրաբերիս հետ երկտողով մը տեղեկացուր: Գիրքը մասնաւոր գին չունի: Սրտաբուխ՝ նուազագոյն գին սակայն 50 ս. ո.։[xxvii] Օրինակ մը քու միջոցաւ կը ղրկեմ նաեւ տոքթ. Թորոս Թորանեանին,[xxviii] բարի եղիր յանձնելու:

Կը սպասեմ բանաստեղծութիւններու հատորիդ ձեռագիրը, ինչ որ Հրանդ Գանգրունին[xxix] յայտնած էր ինծի. խմբագրական եւ սրբագրական աշխատանքները պատրաստ եմ կատարելու. յուսամ Հրանդ Գանգրունին փոխանցեց քեզի: Զաւակով մը բախտաւորուիլդ մեզ ընտանեօք ուրախացուց: Խէրով-բարով մեծնայ: Թղթակցութիւններդ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին հոս: Կը գնահատեմ ջանասիրութիւնդ: Հալէպահայ մեր շրջանակին նախաձեռնութիւնները իրենց արժանի արձագանգն ու արժեւորումը կը գտնեն թղթակցութիւններովդ: Կը գնահատեմ հետեւողականութիւնդ եւ գրչիդ սահունութիւնը: Միայն յարատեւութիւն կը մաղթեմ: Քանի մեր հանդիպումները մօտալուտ կերպով տեղի չեն ունենար, կը մտածեմ այսուհետեւ նամակագրութեամբ կազմակերպել:

Բարեւներ պապային, մամային, տիկնոջդ, բալիկիդ, քեռիիդ՝ Սարգիսին, հարսին՝ Զարուկին եւ ամուսնին: Ցտեսութի՛ւն, մինչեւ յաջորդ հանդիպում: Անմիջականօրէն կը սպասեմ երկտողդ:

 

Սիրով՝

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 5 Մարտ 1986[xxx]

 

Սիրելի ընկեր Յակոբ,

Հալէպ.

Ստացայ նամակդ: Ուրախ եմ, որ այսպէսով նամակագրական կապ հաստատուեցաւ: Այլապէս մինչեւ այցելութիւններու պատեհութեան սպասումը երկար կ’ըլլայ մեր հանդիպման միջոցը: Այցելութիւններու առնչութեամբ՝ ես արագ շարժող տեսակէն չեմ: Դպրոցը եւ այլ պարտականութիւններ թոյլ չեն տար, որ որոշեմ, հաւաքուիմ եւ անմիջապէս գամ: Թէեւ որքան օգտակար են կայծակնային այդ այցելութիւնները փոփոխութեան տեսակէտով: Մանաւանդ Հալէպ, որուն ընկերական եւ ազգականական ջերմութիւնը ամէն այցելութեանս վայելած եմ, մասնաւորաբար քու շնորհիւդ:

Ինչ կը վերաբերի «Մայրիներու Արմատները» հատորէս յիսուն օրինակ սպառելու բարի ձեր տրամադրութեան, զիս ուրախացուց: Միայն թէ Սուրիա մուտքը ապահովելու համար պահանջքը զգացուեցաւ գրաքննութեան վաւերացումին: Երկտողով դիմեցի Դամասկոսի մեր պատասխանատու ընկերոջ՝ Ստեփան Համալեանին: Անմիջապէս, որ գրաքննուած օրինակները ստանամ, վարորդի մը հետ յիսուն օրինակ կ’ուղարկեմ Կիլիկեան վարժարան: Ասիկա կը նկատեմ Հալէպի մեր շրջանակին կողմէ գնահատելի նպաստ:

Նամակդ ստանալէ ետք ընկեր Մելքոն Սեֆէրեանին մօտ հետաքրքրուեցայ «Արարատ»ի անկանոն Հալէպ առաքումին առնչութեամբ: Պատասխանը այն եղաւ, որ արդէն զայն կանոնաւորելու աշխատանքին ձեռնարկած է: Յուսամ հարցը դրականօրէն լուծուած է:

Բաւական ուշացումով տեղեկացայ ընկեր Սարգիս Մկրտիչեանի տիկնոջ վաղաժամ մահուան մասին: Քու յօդուածդ քառասունքին առիթով՝ թարմացուց նման անժամանակ մահուան մը կորուստին ցաւը: Փոխանցէ՛ ցաւակցութիւններս ընկեր Սարգիս Մկրտիչեանին:

Մօրաքրոջս աղջիկը՝ Խաթունը զաւկիդ գործողութեան լուրը բերաւ: Յուսամ որեւէ բարդութիւն չստեղծեց: Գրէ՛ այդ մասին ալ: Արագ ապաքինում կը մաղթեմ մանչուդ: Ինծի գրէ՛ նաեւ, որ ինչո՞վ կը զբաղի քոյրդ՝ Անին: Մասնագիտութիւնը կիրարկելու հնարաւորութիւնը ունեցա՞ւ: Յուսամ մամային եւ պապային առողջութիւնը լաւ է եւ ուրախանալով կը վայելեն իրենց առաջին թոռնիկին աճումը: Արժանաւոր զաւակ:

Մեր կացութիւնը կրկին բաւական բարդացաւ: Ապահովութիւնը վատթարացաւ անցեալ Յունուարէն ի վեր: Այս պայմաններու[ն] տակ դպրոց պահելն ու ղեկավարելը ի՛նչ կը նշանակէ՝ ա՛լ կրնաս պատկերացնել: Երկրին պայմանները կը զրկեն ամէն նախաձեռնութիւնէ: Բայց հակառակ այդ պայմաններուն, կը ջանանք դպրոցը կանգուն պահելու համար ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ դնել:

Գրական գետնի վրայ՝ առայժմ «Արարատ»ի մշակութային էջը կը խմբագրեմ: Երբեմն ալ ստեղծագործական աշխատանքներ կը տանիմ: Քանի մը շաբաթէ ի վեր առանձին եմ տան մէջ: Տիկինս՝ Ազատուհին եւ մանչերս՝ Տիգրանն ու Ռազմիկը արեւմուտք կը մնան եւ շաբաթը անգամ մը կ’անցնին՝ ամէն օրուան համար ճամբաներուն անապահովութեան պատճառաւ: Լիբանանեան պատերազմի շրջանին այս քանիերորդ անգամ ըլլալով մեր ընտանիքը կիսուած[xxxi] կ’ապրի: Աստուած բարին ընէ Լիբանանի համար:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. Աստղիկին եւ Յարութին (Նիւ Եորք)

 

[Պէյրութ,] 28 Հոկտեմբեր 1982[xxxii]

 

Սիրելի Աստղիկ եւ Յարութ,[xxxiii]

Նիւ Եորք.

Ամիսէ մը աւելի կ’ընէ վերադարձած ենք: Ամերիկայի մեր բոլոր բարեկամներուն, որոնց հանդիպելու եւ իրենց հետ միատեղ ըլլալու առիթներ ունեցանք, նամակներս չուշացուցի: Ձեզի ալ չեմ ուշացներ: Աստղիկը, որպէս հոն աշակերտուհիներէս մէկը, իր ցուցաբերած ոգիով եւ հիւրընկալութեամբ, մեզ շատ գոհ ձգեց: Աշակերտուհիէ ուսուցիչ կապը նորոգուեցաւ: Ձեր տան մէջ մեզի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթը սքանչելի էր: Շատ լաւ երեկոյ մը անցուցինք: Առաջին հերթին ուրախացայ, որ Յարութիւնը եւ դուն, կամ դուն եւ Յարութիւնը լաւ ընտանիք կազմած էք: Զաւակներու տէր էք: Տուներնիդ՝ կարգին կահաւորուած: Յարութիւնին գործը՝ յաջող:

Աստղի՛կ, ուրախացայ նաեւ, որ հոգածու ես որպէս մայր զաւակներուդ հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ:[xxxiv] Մաղթեմ, որ այդպէս ալ մնաս: Անշուշտ ատիկա Արեւելքէն նոր մեկնած ըլլալու առաւելութիւնդ է: Միշտ ջանա՛ պահել այդ առաւելութիւնը: Ազգային պարտականութիւն է: Ուսուցիչները միշտ արդպէս կ’ըլլան: Դաս տուողի դերին մէջ կը գտնուին իրենց աշակերտներուն: Նոյնիսկ եթէ անոնք ամուսնացած եւ զաւակներու տէր եղած են: Ես խոստումս կը յարգեմ: Քեզի քանի մը օրինակներ կը ղրկեմ «Հեքիաթ Հայաստանի Մասին» գրքոյկէս: Դուն ալ կարդա՛, զաւակներուդ ալ կարդացո՛ւր: Գոհ պիտի մնաք:

Մենք մեր վերադարձէն ի վեր խաղաղութեան մէջ կ’ապրինք: Այդքան տարուան պատերազմական վիճակներէն ետք այսօրուան խաղաղութիւնը շատ կը գնահատենք: Հիմա լիբանանցիները աւելի լաւատես են ապագայի հանդէպ:

Շատ ուրախ եղայ, որ ձեր տան ճաշկերոյթին ներկայ եղաւ նաեւ եղբայրդ՝ Յակոբը: Զինք կը ճանչնայի Լիբանանէն: Լաւ տպաւորութիւններ ունէի: Չէ՛ փոխուած: Նոյն Յակոբը մնացած է: Ամերիկան չէ փոխած: Բարեւէ՛ իրեն:

Ամուսինիդ՝ Յարութին ըսէ՛ թէ չեմ մոռցած, մինչեւ հիմա յիշելով կը խնդանք, Շնորհի[xxxv] պսակին ճաշկերոյթէն վերադարձին ճամբան կորսնցնելով մինչեւ ուշ գիշեր մեր թափառումները:

 

Սիրով եւ բարեկամաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան եւ ընտանիք

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Նորիկ/Նորայր Ատալեանին

 

[Պէյրութ,] 15 Մայիս 1984[xxxvi]

 

Սիրելի Նորիկ Ատալեան,[xxxvii]

Երեւան.

Աւելի կանուխ պէտք է գրէի քեզի: Բայց քանի վերադարձած եմ, Լիբանանի քաղաքական ծանրակշիռ պայմանները թոյլ չտուին, որ խաղաղօրէն մտածեմ հայրենի բարեկամներու մասին: Միայն Լիբանան ապրողը կը զգայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս օրերուն Լիբանանի բնակիչ ըլլալ: Միա՜յն անձնական մտահոգութեամբ, չէ որ տարուած ենք, այլ՝ լիբանահայ գաղութի անմիջական ներկայով եւ ապագայի ճակատագրով: Առանձնապէս մեր ժողովուրդին համար չէ ստեղծուած ծանրակշիռ կացութիւնը, բայց այդ վիճակներուն չհանդուրժելով մեկնողներու թիւը, այսինքն արտագաղթողները կը բազմանան: Մտահոգ ենք, որ երբեմնի շէն ու բարգաւաճ հայկական գաղութէն ինչ պիտի մնայ…: Այնքան երկար տեւեց[ին] պատերազմն ու իր սփռած արհաւիրքը, որ ոչ ոք կարելի է մեղադրել: Ազգային տեսակէտով վնասակար է անշուշտ, բայց մարդկային տեսակէտով գուցէ արդարանալի: Կ’երթան հեռաւոր Ամերիկաներ նոր կեանքի մը սկիզբը դնելու, բայց Հայութեան համար ապագային մեռնելու: Հակառակ անշնչելի պայմաններուն, մենք տակաւին կառչած կը մնանք Լիբանանին, յուսալով, որ Խաղաղութեան աղաւնին օր մը Լիբանանի երկնակամարն ալ պիտի այցելէ: Տառապանքին մէջ մարդուն ամենէն մեծ ապաւէնը ՅՈՅՍՆ է:

Անցեալ ամառ Հայրենիք այցելութենէն տպաւորութիւններուս մէջ անմոռանալի կը մնայ կազմակերպած պտոյտդ Հրազդան գետի եզերքին, խումբ մը գրողներով: Ի՜նչ հրաշալի օր մըն էր այդ օրը: Երկար ատեն ջուրին ձայնը լսեցինք: Անձրեւահար եղանք: Արեւ-անձրեւին տակ փառաւոր խորոված ճաշակեցինք՝ քաղցրահամ բաժակաճառերով: Ի՜նչ գիտնայի, որ հոն, հայրենի բնութեան ծոցին մէջ, սեպտեմբերեան կարկուտը վայելելէ ետք, Պէյրութ վերադարձիս ռումբերու կարկուտին տակ պիտի մնայի: Բայց հիմա ողջ ենք եւ կարօտով կը յիշեմ քեզ եւ ընկերակից գրողները. Գեղամ Սեւանը, Պերճ Զէյթունցեանը,[xxxviii] Բոգդան Մամեանը,[xxxix] Ալպեր Ազարեանը:[xl] Յատուկ կերպով կը բարեւես իրենց:[xli]

Ստացայ Յունուարի «Գրական թերթ»ի այն համարը, ուր տպուած էր մէկ բանաստեղծութիւնս:[xlii] Չեմ գիտեր միւսն ալ կը տպուի՞, թէ՞ ոչ: Ուրախ եմ որ «Գրական Թերթ»ի Սփիւռքի բաժինը վստահուած է Ալեք Թոփճեանին:[xliii] Բարեկամներ ենք: Ափսոս, որ Փետրուարէն ասդին «Գրական թերթ»ը չենք տեսներ, օդակայանը փակ ըլլալուն պատճառ հաղորդակցութեան ամէն կապ խզուած է: Խաղաղ օրերուն, երբ օդակայանը բաց ըլլայ, ամէն շաբաթ, Հայրենիքի մամուլը կը ստանանք եւ հոգեկան սնունդի հետ հայրենի կեանքի առօրեային եւ գրական կեանքի նորութիւններուն կը հետեւինք: Հիմա զրկուած ենք:

Երկու տարի առաջ «Գրական թերթ»ի յիսնամեակին առիթով, «Արարատ»ի մշակութային էջը նուիրեցի «Գրական թերթ»ի յիսնամեակին: Ամառը քեզմէ տեղեկացայ, թէ չես ստացած: Էջէն կ’ուղարկեմ գրած մշակութային նշմարներս «Գրական թերթ»ի մասին: Գուցէ հետաքրքրական կ’ըլլայ ձեր արխիւին համար: Ես կը շարունակեմ «Արարատ»ի շաբաթական մշակութային էջը խմբագրել: Խմբագրած էջս կ’անդրադառնայ սփիւռքահայ թէ հայրենական մշակութային թէ գրական հարցերուն:

«Գրական թերթ»ը Հայրենիքի իմ սիրած թերթերէս է: Ուրախ եմ նաեւ, որ ինծի համար սիրելի ու համակրելի գրողի մը վստահուած է անոր խմբագրութիւնը: Քեզի կը մաղթեմ ուժ եւ կորով եւ ստեղծագործական բեղուն բերք:

Սիրով եւ կարօտով՝

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

  1. Նազարէթ Աւագեանին

 

[Պէյրութ,] 15 Նոյեմբեր 1983[xliv]

 

Յարգելի պր. Նազարէթ Աւագեան,[xlv]

Աստ.

Սիրելի պր. Աւագեան,

Ազգային թէ միութենական գետնի վրայ Ձեր ծառայութիւնները ծանօթ ըլլալով մեզի՝ կը գնահատենք Ձեր կատարած զոհողութիւնները մեր հաւաքականութեան նկատմամբ:

Յատուկ գնահատանքով եւ գոհունակութեամբ արձանագրեցինք նաեւ «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական ճաշկերոյթի կազմակերպման բերած Ձեր նպաստը:

Քաջալերուելով Ձեր մարզասէրի հետաքրքրութենէն եւ յատկապէս հայ դպրոցի ուսանողութեան մարզական խաղերով ապահովելիք առողջութեան նկատմամբ Ձեր ցուցաբերած նուիրեալ ազգային ազնուութենէն, կը դիմենք Ձեզի, որ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի համար փինկ-փոնկի սեղան մը ապահովելու նիւթական յանձնառութիւնը ստանձնէք:

Հիմնուելով ցարդ ձեր կատարած նիւթական նուիրատուութիւններուն վրայ, կը յուսանք որ մեր այս դիմումը դրական պատասխանի կ’արժանանայ Ձեր մօտ:[xlvi]

Ընդունեցէ՛ք յաջողութեան մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝

Տնօրէն

Պ. Սիմոնեան

 

*          *          *

 

  1. Բաբգէնին եւ Շաքէին (Նիւ Եորք)

 

[Պէյրութ,] 25 Հոկտեմբեր 1982[xlvii]

 

Սիրելի Բաբգէն եւ Շաքէ,[xlviii]

Նիւ Եորք.

Ուրախ եմ, որ իմ մանկութեան ընկերուհիին՝ Շաքէին վերստին հանդիպեցայ, իսկ Բաբգէնին ծանօթացայ: Ազատուհին նախորդ այցելութենէն վերադարձին խօսած էր Ձեր մասին: Բայց հանդիպումը ուրիշ բան է: Հանդիպումները կա՛մ հարստացնող են, կա՛մ հին կապերը վերանորոգող: Մենք մեր ամերիկեան շրջապտոյտի ընթացքին այդ փորձառութիւնը ունեցանք: Դուք եւս հանդերձ ընտանեօք այդ փորձադաշտին բնակիչները եղաք: Ու մենք հանդերձ ընտանեօք կու գանք յայտնելու մեր շնորհակալութիւնները այն հիւրասիրութեան համար, որ ցոյց տուիք Ձեր ընտանեկան օճախին մէջ, Մայր Հրանդուհիին[xlix] ներկայութեան:

Ընթրիքի սեղանին շուրջ, անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ, մենք ապրեցանք մանկութեան յիշատակներու վերապրումով, մեր անցեալը: Մարդուն անցեալը, որքա՜ն ալ տխուր ըլլայ, գեղեցիկ կը թուի…: Ահա թէ ինչո՛ւ գրագէտներ իրենց գրականութեան մէջ կ’ապրին եւ կ’ոգեկոչեն իրենց անցեալը: Ձեր տան մէջ, բնականօրէն, առանց բռնազբօսիկ ճիգերու, այդ հարազատութիւնը զգացինք: Հակառակ անոր, որ Բաբգէնը նոր կը ճանչնայի, իր նկարագրին դիւրահաղորդութիւնը օգնեց, որպէսզի մեր յարաբերութիւնը անմիջական ըլլայ:

Ձեր ընտանիքը Ամերիկայի մեր տպաւորութիւններուն մէջ յիշատակելի կը մնայ…: Մօտ ամիսէ աւելի կ’ընէ վերադարձած ենք մեր տունը: Մեր վերադարձէն ասդին Լիբանանը հանդարտած է: Ռումբի ձայն չենք լսեր այլեւս եւ ռումբերու տեղատարափէն չենք շուարիր ո՛ւր փախչիլը որոշելու համար: Ութը տարուան խաչելութենէն ետք, մենք ալ կարծեմ իրաւունք ունինք խաղաղութեան մէջ ապրելու: Յուսամ մեր լաւատեսութեան մէջ յուսախաբ չենք ըլլար:

Ինչ մեծ բարեբախտութիւն էր հեռաւոր Ամերիկայի ափերուն վրայ Ձեր նման հաւատաւոր հայկականութեամբ ապրող զոյգի հանդիպիլ, որ ոչ միայն իրենց անձերուն համար կ’ապրին, այլ իրենց պատկանած հաւաքականութեան մտահոգութիւններով: Կը գնահատեմ Բաբգէնը, որ կը բերէ իր ծառայութեան նպաստը Հայ Եկեղեցւոյ գոյատեւումին: Նմանապէս Շաքէն՝ որպէս տնօրէնուհի շաբաթօրեայ դպրոցին եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Տիկնանցի ժրաջան անդամուհիներէն: Յուսալով կապը կը շարունակուի նամակներով, մնամ սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. 10. Սաթենիկ Բարսեղեանին

 

[Պէյրութ,] 17 Հոկտեմբեր 1982[l]

 

Ազնիւ տիկին Սաթենիկ Բարսեղեան,[li]

Նիւ Ճըրզի.

Ուրախութեամբ ստացանք երէցկինին հետ ղրկած նամակդ: Շնորհակալ ենք նամակին մէջ արտայայտած զգացումներուդ համար: Մենք ընտանեօք Ձեզմէ կը պահենք լաւ յիշատակներ եւ տպաւորութիւններ: Ձեր ազնուութեամբ մեր տրամադրութեան տակ դրած Ձեր տունը վայելեցինք: Մեզի համար մեծ օգնութիւն եղաւ: Յետոյ այն քանի մը օրերը որ միասին անցուցինք՝ լաւ տպաւորուեցանք Ձեզմէ: Ոչ միայն չանհանգստացուցիք մեզ, այլ լաւապէս գործակցեցաք, որպէսզի հարսանեական շաբաթը հաճելի կերպով իր լրումին հասնի: Այդպէս ալ եղաւ: Ամէն բան կարգին անցաւ: Միակ տխուր յիշատակը, որ կը պահենք Ձեր տունէն, ան ալ Տէր Հօր մահն է: Գանատայի եւ Լոս Անճելոսի մեր շրջապտոյտէն վերադարձին մեծագոյն անակնկալը եղաւ Տէր Հօր[lii] մահը: Յուզիչ շաբաթ մը անցուցինք եւ Ձեզ մեր յուզումին մէջ ալ յիշեցինք:

Այսօր Տէր Հօր հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ Պէյրութի իր ծառայած եկեղեցւոյ մէջ: Մեծ բազմութիւն հաւաքուած էր: Սեպուհ վարդապետ Սարգիսեանը[liii] խօսեցաւ Տէր Հօր արժանիքներու մասին: Իսկ Ազատուհին նկարագրեց Նիւ Ճըրզիի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը: Աստուած հոգին լուսաւորէ:

Մենք ընտանեօք՝ Ազատուհին, Տիգրանը, Ռազմիկը եւ ես կու գանք յայտնելու մեր սրտագին շնորհակալութիւնները քեզի՝ ցոյց տուած ազնուութեանդ համար: Առողջութիւն կը մաղթենք կեանքիդ հետագայ տարիներուն համար: Յուսանք մեր յաջորդ այցելութեան Ձեզ ողջ առողջ կը գտնենք: Այդ մաղթանքով ալ կը փակեմ նամակս:

 

Ձեզ սիրով յիշող՝

Պէպօ Սիմոնեան եւ ընտանիք

[ստո․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

  1. Վազգէն Բարսեղեանին

 

[Beirut,] July 31st, 1967[liv]

 

Dr. V. L. Parsegian[lv]

Chairman

Brunswick Hills

Route 57, Troy

New York 12180

 

Dear Dr. Parsegian:

I have received Mr. K. Giragossian’s[lvi] letter of June 21 in which he was inviting me in the name of the Board of Directors of the AGBU to become a member of the newly formed Special Committee under the joint chairmanship of you and Dr. Svajian.[lvii] I have also received the enclosed statement “The Role, Functions and Plan of the Special Committee.” I apologize for the delay in answering you; the month of July is specially busy for those of us who are involved in school administration.

Thank you for the honor of inviting me to membership of this important Committee. I would like to congratulate you for initiating such a valuable project and I am more than willing to contribute my share as needed. My genuine interest and concern for our educational and cultural life and its enrichment is a natural incentive to serve wholeheartedly in the highly commendable and useful activities and projects of the Special Committee. I am hopeful that when these projects materialize they may raise the standards of our culture and educational system around the world. I am sure you and Dr. Svajian will do a splendid work as chairmen of this Committee, each one of you being experienced and competent in educational and academic matters as well as being highly specialized and well-known in your own fields.

I realize that you have a rather extensive survey of our needs in academic and educational life and also the possibilities of research in the areas less known to the world. It is rather important that the 20 members of the Committee work with seriousness and dedication to achieve utmost results. Hopefully the members in each community get together very soon and clarify each one’s special duties and contributions according to his background, interests and preparation.

It will be interesting to know what the Special Committee’s relationships will be with Armenia and with other centers of Armenian Studies and Research.

I will be glad to serve on the Special Committee’s branch in Lebanon which I consider an honor and a highly rewarding commitment.

 

Sincerely yours,

Bébo Simonian

Principal

Roupinian Elementary School

  1. O. B. 4037

Beirut, Lebanon

 

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

 

  1. 12. Ազատուհի, Տիգրան եւ Ռազմիկ Գալայճեան/Սիմոնեաններուն

 

[Երեւան,] 9 Օգոստոս 1983[lviii]

 

Սիրելի Ազատուհի, Տիգրան եւ Ռազմիկ Սիմոնեաններ,

Երեւան, պանդոկ «Անի», թիւ 415 համար[lix]

 

Այսօր, դասախօսութենէն բացակայելով, կարգ մը գործնական աշխատանքներ հետապնդեցի: Այս նամակն ալ գործնական աշխատանքներու ծիրին մէջ կը մտնէ: Տէր եւ տիկին Կարապետ Պապահէքեանի[lx] այս Չորեքշաբթի վերադառնալու պատեհութենէն օգտուելով, մանաւանդ նաեւ իրենց ազնիւ տրամադրութիւնը նկատի ունենալով, զոր յայտնեցին Կիրակի երեկոյեան երբ ընթրիքէն ետք, պանդոկին առջեւ կանգնած Ձեզ կ’երազէի, դէմս ելան: Իրարմէ բաժնուելու պահուն պատրաստակամութիւն յայտնեցին նամակ մը հասցնել քեզի:

Նամակիս տուն տուող շարժառիթը բացատրեցի: Գրական տեսակէտով ան ծառայեց որպէս մուտք: Այստեղէն կը սկսի նամակիս բովանդակութիւնը: Այսօր նախ հանդիպեցայ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութիւն: Նախագահը[lxi] արձակուրդով բացակայ էր: Մեզ ընդունեց տեղակալ Անտրէ Մարտիրոսեանը։[lxii] Լիբանանի կացութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով՝ քաղաքական կացութեան գնահատութիւնը կատարեցի: Ապա անցայ բաժնի վարիչ Արմէն Արսլանեանին մօտ եւ «Սահակեան»ի 60-ամեակի վերաբերեալ գործնական խօսակցութիւններ ունեցայ: Բաւական դրական էր հանդիպումը: Կը սպասենք նախագահի վերադարձին: Յետոյ Գօգոն երկաւ եւ միասին Հայպետհրատ[lxiii] գացինք «հոնորար»ի հարցիս կարգադրութեամբ զբաղուելու: Օգոստոսը աննպաստ ամիս է Երեւանի համար: Ուր որ երթանք՝ արձակուրդի մեկնած են: Յամենայնդէպս, իմ ներկայութիւնս անհրաժեշտ էր «հոնորար»իս կարգադրութեան համար: Քիչ մըն ալ համբերենք:

Ի՛նչ կը վերաբերի տնօրէններու պարտուիրակութեան, աշխարհի զանազան երկիրներէն կամ մինչեւ Աւստրալիայէն…: Քեզի ծանօթներէն թուեմ տիկ. Սօսի Պետիկեանը,[lxiv] տիկ. Վարդուհի Պալեանը (քեզմով հետաքրքրուեցան այս երկուքը), տէր եւ տիկին Ներսէս Քիւփելեանը Նիւ Եորքէն, Սարգիս քհն. Անդրէասեանը՝ Նազարէթ Աջապահեանին աները: Շնորհը իմ մասիս բաւական տեղեկութիւններ փոխանցած էր, առիթ եղաւ հետը խօսելու: Իրեն օգտակար եղայ փորհարութեան դեղը տալով: Մինչեւ նամակիս ձեռքդ անցնիլը եթէ Շնորհենք հոն ըլլան, յայտնէ՛ թէ Սարգիս քահանային հետ սիրալիր յարաբերութեան մէջ եմ: Խումբը կը բաղկանայ շուրջ 40 հոգիէ՝ տնօրէն, ուսուցիչ, միօրեայ կամ կիրակնօրեայ վրժ.ի տեսուչ, ուսումնական խորհուրդի անդամ եւն.: Հետաքրքրականը այն է, որ ամէն երկրէ կայ, երկսեռ է: Կը յիշեցնէ անցեալ տարուան Redding-ի[lxv] ուսուցչական խումբը իր խայտաբղէտ այլազանութեամբ: Մեծ խումբերու մէջ՝ կը կորսուիս…:

Դասախօսութիւնները որ տեղի կ’ունենան առաւօտեան ժամը 10-1, հետաքրքրական են, ուսանելի եւ վերանորոգող: Դասախօսութենէն ետք նախատեսուած են այցելութիւններ, հանդիպումներ: Յայտագիրը այնպիսի ձեւով մը կազմուած է, որ առաջին անգամ այցելողը նկատի առնուած է: Բայց մեզի համար ալ վերանորոգող նշանակութիւն կ’ունենայ: Այցելեցինք ժողովրդային տնտեսութեան նուաճումներու ցուցահանդէսը, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը: Երէկ՝ Երկուշաբթի օր Սեւան այցելեցինք, հոնկէ Ծաղկաձոր անցանք եւ շատ յուզիչ, ներշնչող եւ տպաւորիչ հանդիպում ունեցանք «Փարվանա» պիոներական ճամբարի պիոներներու հետ: Օրագրութեան մէջ աւելի մանրամասնութեամբ գրի առած եմ: Հոգիիս մէջ քանդակուած պահերէն է…: Նոյն օրը գիշերը լիբանահայ տնօրէններու հետ «Արագիլ» ճաշարանը[lxvi] ընթրեցինք:

Գրեթէ ամէն օր Գօգօ ամմոյին հետ միասին կ’ըլլանք: Ճաշերը կամ ընթրիքները միասին կ’ընենք: Ատիկա պատճառ կ’ըլլայ, որ խմբային ճաշերէն հեռու մնամ: Հասնելէ[ս] ի վեր 3-4 անգամներ Վալանթինենց տունը ընթրեցինք: Կիրակի օր, սպանդանոցէն մորթուած[lxvii] գառնուկի մը կէսը շալկած տունը բերած էին: Կէսօրուան՝ հում «ճիկէր» եւ տժվժիկ կերանք: Շատ համով էր: Դեռ կնունքի օրը որոշուած չէ, բայց խօսք մը կար յառաջիկայ Կիրակի օր, Աստուածածնի օրը ընելու: Լաւ մտածեցինք, վերջին պահուն նուէրները ապահովելով: Գնուած մուշտակիդ վրայ հիացայ: Ի պահ դրուած է Վալանթինենց տունը:

Ի մէջ այլոց, մոռցուած[lxviii] բաներ կային: Արշօ Էմիրեանին[lxix] բերածները չկային վալիզիս[lxx] մէջ: Ո՛չ ալ հասցէն փոխանցուած էր, տրուելիք անձին: Մոռցուած բաներ կային ներքին տարազներէս:

Գօգոյին հետ ներկայ եղանք «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ «Արարատ»– «Տնեփր» մրցումին: «Արարատ»ի վերջին պարտութիւններէն յուսախաբուած, քիչ էր ներկայ հասարակութեան թիւը: Օրագրութեանս մէջ արձանագրեցի հետեւեալը, ֆութպոլի խաղը դիտեցի Տիգրանին եւ Ռազմիկին աչքերով եւս: Պարտութեամբ վերջացաւ: Տիգրանն ու Ռազմիկը թող չի նեղուին: Ամմօն իրենց համար անակնկալներ ունի: Լսեց իրենց ֆութպոլի խումբին մասնակցութեան մասին: Հարցուց թէ ինչպէ՞ս կը խաղան: Չկրցայ պատասխանել, որովհետեւ ներկայ չէի եղած իրենց որեւէ խաղին: Բայց ըսի թէ լողալու վարժութիւնը ձեռք ձգեցին եւ մեծերու յատուկ աւազանը սկսան լողալ: Անցեալ շաբաթ Ձեզի հետ «Լոնկ պիչ»ի լողաւազանին[lxxi] մէջ էի: Գօգօն ուրախ է որ աւարտած է, բայց մտահոգ քլինիքի հարցով…: Տեսնենք ինչ կը ստացուի[lxxii] վերադարձին: Ռոզիկը՝[lxxiii] մօրաքրոջս աղջիկը, մէկ անգամ տեսայ միայն: Ինչ որ կար՝ յանձնեցի: Մոսկուա երթալու պատրաստութիւններ կը տեսնէր պզտիկին աչքը գործողութեան ենթարկել տալու համար:

Յուսամ Ճանը եւ Շնորհը իմ բաժանումէս ետք լաւ եւ օգտակար յայտագիրներ ունեցան: Քաղաքական կացութիւնը եթէ արտօնեց, պատճառ մը չկար, որ իրենց համար էական այցելութիւններն ու հանդիպումները ունենային: Եթէ չեմ սխալիր, այս Շաբաթ օր՝ 13 Օգոստոսին պիտի վերադառնան: Իրենցմով մեր տունը լեցուած էր: Մանաւանդ իմ բացակայութիւնս այդքան ալ զգալի չէր իրենց ներկայութեամբ: Բայց հիմա կը մտածեմ որ մէկ անգամէն բացակայութիւն մը պիտի զգացուի:

Բարի ճանապարհ Ճանին եւ Շնորհին:

Գրիչս յոգնեցաւ: Այսքանը գոհացուցիչ եղաւ կարծեմ: Աստուած ուզէ, Սեպտեմբեր 2-ին մեզ սպասեցէք… Մեր վերադարձը բարի, Ձեր ալ սպասումը համբերատար ըլլայ:

 

Ձերդ՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

Վերջին էջին վերը, էջի վերին սահմանին ու նամակի առաջին տողին միջեւ գրուած է Առողջութինս լաւ վիճակի մէջ է: Ալքոլ երբեք չեմ գործածեր: Ինսուլինս կանոնաւոր կ’առնեմ: Ռազմիկին աղօթքը միշտ յուշարար ինծի…

 

*          *          *

 

[Երեւան,] 22 Օգոստոս 1983[lxxiv]

 

Սիրելի Ազատուհի, Տիգրան եւ Ռազմիկ Սիմոնեաններ,

Երեւան,[lxxv]

 

Յուսամ գրած առաջին նամակս ձեռքերնիդ հասաւ: Տէր եւ Տիկին Կարապետ Պապահէքեանի ձեռամբ: Աւելի կանուխ կը հասնէր, եթէ օդակայանը չի փակուէր:

Կիրակի՝ 21 Օգոստոսին, Վալանթինի մանչուն (Մանուէլին) կնունքը տեղի ունեցաւ Էջմիածնի մէջ, Գօգոյին քաւորութեամբ: Անկէ ետք ճաշարանի մէջ փառաւոր ճաշկերոյթ տրուեցաւ: Յիշեցի, որ անցեալ տարի ճիշդ այս Կիրակին Շնորհին հարսանիքին ու ճաշկերոյթին ներկայ էինք, Նիւ Ճըրզի: Մկրտութեան ճաշկերոյթին խօսք առի եւ ընտանիքին կողմէ (Վալանին) շնորհաւորեցի:

Լիբանանի դէպքերը բաւական մտահոգեցին մեզ: Որքան ալ թուականով, վերադարձի տեսակէտով, հեռու էր, բայց Ձեզ աչքիս առաջ ունէի եւ Շնորհենց մեկնումի հարցը: Յուսամ Շնորհենք արդէն մեկնեցան… Եթէ Կիպրոսի գծով չմեկնեցան՝ օդակայանի բացումը առանց սպասելու:

Այս Շաբաթ օր ներկայ պիտի ըլլանք «Արարատ»ի երկրորդ մրցումին «Սպարտակ»ին դէմ, «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ եւ, կրկին, մրցումը պիտի դիտեմ իմ, Տիգրանի եւ Ռազմիկի աչքերով: Այս մրցումէն ետք, ֆութպոլի գնդակի մը վրայ ստորագրել պիտի տանք Խորիկ Յովհաննէսեանին: «Արարատ»ի կրտսերներու մարզիչ Ժագ Սուրբիկեանի հետ (Զոհրապին ընկերը) պիտի երթանք ֆութպոլի մրցումին: Արդեօք Տիգրանն ու Ռազմիկը պապայի բացակայութեան ինչպէ՞ս կը պահեն իրենք զիրենք, թէեւ վստահ եմ իրենց կրթութեան եւ հնազանդութեան վրայ:

Այսօր, 22 Օգոստոս, Երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցայ Վարդգէս Համազասպեանի հետ: Քեզ հարցուց եւ յատուկ համակրանք ունենալը զգացուց. «Ո՞նց է մեր հաճնեցին»: Լաւ տպաւորութիւններով բաժնուեցանք: Մանրամասնութիւնները՝ վերադարձիս… առաւօտեան նախաճաշի սեղանին շուրջ մեր զրոյցներու ընթացքին: Կարօտցած եմ սարքած նախաճաշերդ, մանաւանդ Կիրակի առաւօտուն, ճաշերդ եւ ընդհանրապէս Ձեզ, այսինքն ըսել կ’ուզեմ, քե՛զ եւ մանչերս: Յուսամ Գիքորը[lxxvi] եւ Մայը[lxxvii] իրենց ներկայութեամբ կը զբաղցնեն ձեզ:

Վաղը գիշեր գրագիտուհի Անահիտ Սահինեանի[lxxviii] տունը հրաւիրուած ենք: Կարէն Սիմոնեանի[lxxix] լաւագոյն բարեկամներէն է, գիտե՛ս…: Ի մէջ այլոց, Կարէնենք դեռ չեն վերադարձած արձակուրդէն եւ Գօգօն չի յուսար թէ մինչեւ մեր վերադարձը կը վերադառնան:

Օգտակար հանդիպում ունեցանք Վեհափառին[lxxx] հետ եւ իր Բիւրականի Հայկաշէն ամառանոցին մէջ՝ Շահէ սրբազանին[lxxxi] հետ: Միայն այս առիթով փոքր բաժակով վոտքա եւ Վալանթինենց մկրտութեան օրը փոքր գաւաթով քոնեաք խմեցի: Առողջական վիճակս կարծեմ թէ գէշ չէ: Հանգիստ ալ կ’ընեմ: Կէսօրէ վերջերը անպայման քանի մը ժամ կը քնանամ: Վերջին պահուն լաւ մտածեցինք գօտին ապահովել, այլապէս անտանելի պիտի ըլլար… Թէեւ միօրեայ ճամբորդութիւններու ընթացքին կ’անհանգստացնէ, բայց՝ չարեաց փոքրագոյնը:

Միօրեայ յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւններ ունեցանք դէպի Կիրովական եւ Լենինական: Շիրազ Պաղտասարեանն ալ Աստուածածնայ Կիրակի օրը, 14 Օգոստոսին, գեղեցիկ շրջապտոյտի հանեց մեզ իր սեփական ինքնաշարժով: Ամբողջ Սեւանի շրջանը կատարեցինք, Արփա-Սեւանի միացման կէտը, Մարտունի եւ Ծովինար գիւղերն ալ հանդիպելով: Խմբային այցելութիւններէն Բիւրականի այցելութիւնը շատ յաջող էր, մանաւանդ Վիքթոր Համբարձումեանի[lxxxii] հետ հանդիպումը:

Օգոստոսը մշակոյթի տեսակէտով մեռեալ ամիս է: Անցեալ Չորեքշաբթի միայն, Կոմիտէութեան դահլիճին մէջ, յատուկ մեզի համար տեղի ունեցաւ գեղարուեստական համերգ: Յայտագրին մէջ կային ժողովրդական նուագարաններու կատարողութեամբ «Ախթամար» նուագախումբը, ժողովրդական երաժշտութիւն, մեներգ, ասմունք: Իսկական վայելք մը եղաւ: Մանաւանդ Լուսի Քոչեանի մեներգները: Հակառակ յառաջացած տարիքին, ձայնին ցեղային եւ գեղջկական յատկութիւնները կը պահէ:

Գրող-մտաւորական դասակարգէն հանդիպեցանք Վարդգէս Պետրոսեանին:[lxxxiii] Պաշտօնական հանդիպում էր: Կիրակի օր Վալանթինենց մկրտութեան երթալէ առաջ, «Անի» պանդոկի նախաճաշի սրահին մէջ հանդիպեցայ Ռազմիկ Դաւոյեանին,[lxxxiv] որ ամերիկահայերու հետ նստած էր: Իրարու հեռաձայնի թիւեր փոխանակեցինք, ողջագուրումէ ետք անշուշտ: Այս Չորեքշաբթի ժամը 9-ին ուրիշ երիտասարդ բանաստեղծի մը պիտի հանդիպիմ, Արմէն Մարտիրոսեանին, որ «Կանաչներու Առասպել»ին գրախօսն էր: Նոր-նոր կը սկսին իրենց արձակուրդէն վերադառնալ: Յուսամ մինչեւ վերադարձիս թուականը՝ կեցութիւնս աւելի արդիւնաւոր կ’ըլլայ նոր հանդիպումներով եւ ծանօթացումներով: Այս Հինգշաբթի Լեւոն Աղամանուկեանի [Հայաստանի հրաշք մանուկին] ցուցահանդէսը պիտի այցելեմ: Այսինքն ըսել կ’ուզեմ՝ իրենց տունը: Կիրակի օր, մկրտութեան օրը, ներկայ էր, ծանօթացայ: Տպաւորիչ ոչինչ ունէր արտաքին երեւոյթով: Կանուխ մեկնեցաւ տուն՝ ստեղծագործելու: Ես նման երեւոյթներով աւելի հետաքրքրուած եմ, քան, հաւատա՛, ճաշկերոյթներով: Հետզհետէ ընկերային հաւաքոյթներու հանդէպ հետաքրքրութիւնս նուազած է: Շատեր կրնայ ըլլալ, որ յուսախաբ ընեմ…: Այսուհետեւ որոշած եմ ընել…:

Չմոռցած ըսեմ թէ 13 Օգոստոսին, Շաբաթ օրը երեկոյեան Լիլիթենց տունը (Ադամեան)[lxxxv] լաւ գիշեր մը անցուցինք լիբանահայ տնօրէններով եւ Լիլիթին հայաստանցի ընկերուհիներով: Երեկոյին ներկայ էր նաեւ ասմունքող Վերա Յակոբեանը: Կէս գիշերէն ետք Վերայենց տունը այցելեցինք: Բոլորս ափ ի բերան մնացինք. Ռապիայի[lxxxvi] վիլլաներուն նմանութեամբ վիլլա մըն էր: Լիլիթին ընկերուհին քեզմէ լաւագոյն տպաւորութիւններ կը պահէ:

Հետզհետէ, օրէ-օր, ժամէ-ժամ եւ վայրկեանէ-վայրկեան կարօտս կ’աճի, կ’ուռճանայ: Ձեր բացակայութիւնը կը զգամ ամէն վայրկեան: Ամենէն աւելի երբ գիշերը սենեակէս ներս մտնեմ եւ առանձնութիւնս զգամ, մէյ մըն ալ առաւօտուն երբ արթննամ: Ամենէն աւելի այս երկու պահերը կը ճնշեն վրաս: Մնացեալ պահերուն Գօգօն հետս է: Երեկոներ կան, որ Վալանթինենց տունը՝ տունի ճաշ կ’ուտեմ: Պանդոկի ճաշերէն, ընդհանրապէս խորոված, զզուած եմ: Ռեժիմէս[lxxxvii] միայն հացն է, որ խանգարուած է: Ստիպուած հաց կ’ուտեմ: Մանր-մունր քննադատութիւններէս, գանգատներէս դժգոհած էիք: Հիմա, կ’երեւի դուք ալ կարօտցած էք: Վերջնականօրէն վերադարձի թուականը վճռուած է, Սեպտեմբեր 2 (երկու) եթէ մինչ այդ օդակայանը Աստուած չընէ չփակուի:

 

Սիրով, կարօտով, համբոյրներով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

2-րդ էջին վերը, էջի վերի սահմանին եւ նամակի առաջին տողին միջեւ գրուած է Գրիգոր Նազարեանի միջոցաւ իմացնել Յակոբ Կեպէնլեանին («Սարդարապատ» Յակոբ)[lxxxviii] որ օդակայան մեզ դիմաւորելու գայ: Անպայման:

Վերջին՝ 4-րդ էջի ձախ լուսանցքին գրուած է յետգրութեանը Յ.Գ. Վազգէն Գասեմճեանը՝[lxxxix] նամակաբերս, բժշկական աւարտած է: Տինամիք երիտասարդ է: Մեզի շատ օգտակար եղաւ:

 

*          *          *

 

 

  1. Գրիգոր/Գօգօ Գալայճեանին

 

[Պէյրութ,] 4 Ապրիլ 1983[xc]

 

Սիրելի Գօգօ Գալայճեան,

Երեւան.

29 Մարտ թուակիր նամակդ ստացանք: Բոլորս ալ արձակուրդի մէջ ըլլալով, հաւաքական ընթերցանութեամբ վայելեցինք նամակդ: Նամակիդ ամենէն ուշագրաւ երեւոյթը հիւմըրն էր: Տիգրանն ու Ռազմիկը մեծ ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ լսեցին իրենց վերաբերող մասերը: Սկիզբը Ռազմիկը բողոքեց, որ իր անունը յիշուած չէ, բայց նամակին վերջաւորութեան հանդարտեցաւ: Տիկին Ազատուհին անշուշտ մեծապէս ուրախացաւ: Իսկ ես խնդալով տխրեցայ զիս այնքան լաւ ճանչնալուդ համար…:

19 Մարտի Շաբաթ գիշերը, տօնացոյցով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրը, հիւրասիրեցինք Զոհրապն ու Վալանթը իրենց ընտանիքի այլ անդամներով: Ուրախ, զուարթ եւ անկեղծ երեկոյ մըն էր: Թամատայութիւնը ես վարեցի, ա՛լ կրնաս երեւակայել թէ ինչպիսի գիշեր մը անցուցինք: Քեզ ալ յիշեցինք, յատկապէս Զոհրապին քեզի հանդէպ ցոյց տուած անկեղծ հոգածութեան յիշատակութեամբ եւ շնորհակալութեամբ:

«Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական առաջին հանդիսութիւնը, որ ուսուցչաց օրուան հանդիսութիւնն էր, 13 Մարտին տեղի ունենալով, բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց: Ձեռնարկը իր ամբողջութեանը մէջ գնահատուեցաւ: Սրահը՝ լեփ-լեցուն: Գեղարուեստական յայտագիրը՝ մակարդակով: Բանախօսութիւնները բացառիկ տպաւորութիւն ձգեցին: Անգամ մը եւս Ազատուհին որպէս բանախօս իր խօսքին ներշնչող բովանդակութեամբ փայլեցաւ ու փայլեցուց: Ձեռնարկին վերջաւորութեան կատարուեցաւ Հայաստանի մանկական պատկերասրահին բացումը: Այդ մէկը եւս իբրեւ գեղարուեստական միջոցառում իր յատուկ իմաստը ունեցաւ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Թելման Յարութիւնեանն[xci] ու Ռոմէն Քոզմոյեանը:[xcii] Շաբաթ մը վերջ Ռոմէն Քոզմոյեանին հետ հանդիպման մը ընթացքին իր տպաւորութիւնը յայտնելով՝ ըսաւ. Պէյրութ գտնուած երեք տարիներուս ընթացքին առաջին ձեռնարկն է որ զիս այնքան ներշնչեց: Այս հանդիպման ընթացքին էր, որ Քոզմոյեանը յայտնեց Հայաստան այցելութեան թուականը, Օգոստոսի սկիզբէն մինչեւ Սեպտեմբերի սկիզբը: Եթէ յաջողի նաեւ կուսակցական պատուիրակութեան այցելութիւնը, Սեպտեմբեր ամիսն ալ ներառեալ: Այս մասին՝ յետոյ: Իմ Օգոստոսի սկիզբը այցելութիւնս տնօրէններու պատուիրակութեամբ պիտի ըլլայ: Յայտագրին մէջ նախատեսուած են դասախօսութիւններ եւ այցելութիւններ, ուսուցչական խումբերու յայտագրին նմանութեամբ, բայց տնօրէններու յատուկ բովանդակութեամբ: Կարծեմ իջած պանդոկնիս ալ «Երեւան»ը պիտի ըլլայ: Այժմէն հետաքրքրուիր Երեւան տպուած գիրքիս հոնորարին գանձումի հարցով:[xciii] Այս այցելութեանս անպայման կ’ուզեմ երթալ Մարտունիի շրջանը եւ Զանգեզուր: Զանգեզուր այցելելու ցանկութիւնս եթէ կրնաս տեղեկացնել Սերօ Խանզատեանին՝ շատ ուրախ կ’ըլլամ, վստահ եմ կ’ուզէ օգտակար ըլլալ: Մարտունիի շրջանը Կարէնով[xciv] կարելի է: Կարէնին կը ղրկեմ «Հայրենիքի Ձայնին» մէջ տպուած «Ցտեսութիւն Նաթանայէլ» վէպին սլովակերէն թարգմանութեան մասին գրուած յօդուածին «Արարատ»ի մէջ արտատպուած օրինակը:

3 Ապրիլին Գազինօ տիւ Լիպանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սահակեան»ի 60-ամեակի ճաշկերոյթը: Մեր շրջանակին համար բացառիկ յաջողութիւն նկատուեցաւ: Ես առայժմ կը գտնուիմ 60-ամեակի հանդիսութիւններու կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ:

Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան կեանքին: Առայժմ խաղաղ է: Յոռետեսները յոռետես են, լաւատեսները՝ լաւատես: Ասոր միջինը իրատեսութիւնն է: Բանակցութիւններ կը շարունակուին: Բոլոր կողմերու հիմնական նշանաբանն է ՕՏԱՐ ՈՒԺԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ: Ինչ կը վերաբերի հայ կեանքին, մասնաւոր նորութիւն չկայ: Միայն մէկ բան ըսեմ՝ թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը[xcv] Պէյրութէն անցնելէ ետք, անցաւ նաեւ Դամասկոսէն եւ Հալէպէն: Մօտերս, ընթերցումս վերջացնելէ ետք պիտի անդրադառնամ Ճոն Կիրակոսեանի[xcvi] վերջին գիրքի մասին:[xcvii] Մենք հրաւէրը ղրկեցինք Վարդգէս Համազասպեանին եւ Արմէն Արսլանեանին ուղղուած: Հանդիպէ՛ իրենց եւ հետաքրքրուի՛ր թէ ինչո՞ւ մինչեւ օրս ոչ մէկ արձագանգ լոյս չտեսաւ «Հայրենիքի Ձայն»ին մէջ: Միայն կարծեմ ռատիոն արձագանգած է:

Վալանթին հետ կը ղրկեմ նաեւ կարգ մը աշխատակցութիւններ Հայաստանի մամուլին համար. «Սովետական Հայաստան»ին՝ «Անհրաշք յարութիւն» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնս, «Հայրենիքի Ձայն»ին՝ «Բեկոր» բանաստեղծութիւնս, իսկ «Գարուն»ին՝[xcviii] երբ ես գամ փունջ մը բանաստեղծութիւններ միասին կը բերեմ: «Հայրենիքի Ձայն»ի բանաստեղծութիւնս Շաքէ Վարսեանին[xcix] յանձնէ՛ եւ մինչեւ գալս զայն տպուած տեսնելու ցանկութիւնս փոխանցէ՛ իրեն: «Սովետական Հայաստան»ին ղրկուած բանաստեղծութիւնս, Կարէնին հետ խորհրդակցաբար, Վահագն Դաւթեանին[c] յանձնէ՛:

Քու վերադարձի հարցդ իմ հոնկէ վերադարձիս օրուան հետ պէտք է համընկնի:

Առ այժմ այսքան:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Յակոբ եւ Մատլէն Գարլոզեաններուն

 

[Պէյրութ,] 7 Նոյեմբեր 1982[ci]

 

Սիրելի Մատլէն[cii] եւ Յակոբ Գարլոզեաններ,[ciii]

Մոնրէալ.

Այսօր Մոնրէալը յիշեցնող օդ մը ունեցանք Պէյրութի մէջ: Մինչեւ երէկ գարնան մէջ էինք: Ի՜նչ զուգադիպութիւն: Մոնրէալը յիշեցնող կլիմայական մթնոլորտի մէջ, Մոնրէալի մեր անմոռանալի բարեկամներուն նամակ պիտի գրեմ: Երբ կ’ըսեմ Մոնրէալը յիշեցնող՝ նմանութեան եզր չկայ անշուշտ երկու երկիրներու կլիմային միջեւ: Օգոստոսին կամ Սեպտեմբերին ձեր մօտ աշնանային է արդէն օդը, մինչ մեր մօտ Նոյեմբերին նոր կը սկսի աշունը: Հոն Օգոստոսի վերջերը կամ Սեպտեմբերի մեր զգացած ցուրտը, հիմա նոր եւ Նոյեմբերին կը զգանք: Հոս Պէյրութի մէջ: Վստահաբար առաջին ձիւները տեղացին եւ Մատլէնը հակառակ Մոնրէալի պայմաններուն համակերպելուն, անգամ մը եւս կը փնտռէ Պէյրութի ջերմութիւնը: Ասիկա նամակիս ծառայեց որպէս մուտք:

Ուրախ եմ, որ վերստին հանդիպեցայ երբեմնի աշակերտուհիիս եւ ընտանիքի բարեկամին՝ Մատլէնին եւ ծանօթացայ իր պատուական ամուսինին՝ Յակոբին: Մատլէնը ֆիզիքապէս փոխուած է, բայց հոգիով նոյնը մնացեր է: Ջերմ, անմիջական, հարազատ եւ հաղորդական: Ինչ լաւ գտեր է ինք Յակոբը, Յակոբը՝ զինք: Ես Յակոբին մէջ եւս սիրեցի ու գնահատեցի անմիջականութիւնը, հաղորդականութիւնը: Մեր առաջին հանդիպումին ինծի այնպէս թուեցաւ, որ մենք կարծես երկար ատենէ ի վեր իրարու ծանօթ ենք:

Ինչքան լաւ պահեր անցուցինք միասին: Յիշատակելի այնպիսի պահեր, որ Ձեզ անմոռանալի կը դարձնէ եւ կը պահէ մեր ամերիկեան շրջապտոյտի տպաւորութիւններուն մէջ: Շնորհի պսակին Ձեր գալը մեզ անսահմանօրէն ուրախացուց: Չեմ մոռնար Տէր Ղեւոնդին՝ հանգուցեալին մէկ արտայայտութիւնը. եթէ միլիոն տայիք՝ զիս այնքան պիտի չուրախացնէր որքան ձեր այցելութեամբ մեր ուրախութեան մասնակից դառնալը:

Առանց ձեզի, սիրելի Մատլէն եւ Յակոբ, եւ ձեր ազնուական հրաւէրին, մենք մեր այս այցելութեան առիթով, Գանատա չէինք կրնար անցնիլ: Ուրեմն ընդունեցէք մեր սրտագին եւ անկեղծ շնորհակալութիւնները: Չենք կրնար մոռնալ այս ազնիւ արարքը: Ազնուական հոգիով մարդոց յատուկ: Ընտանեօք ձեր տան հիւրը դառնալով, մեզի հանդէպ ձեր ցոյց տուած հիւրասիրութիւնն ու հոգածութիւնը մեզ այնքան լաւ տպաւորած է, որ չկրցանք միայն մեզի պահել եւ պատմեցինք մեր հասարակաց ծանօթներուն: Ուրախացողներ եղան: Զարմացողներ ալ եղան: Եւ ……: Յամենայնդէպս, շատ գոհ բաժնուեցանք ձեզմէ: Չեմ գիտեր մենք ալ Ձեզի գոհ ձգեցի[՞]նք: Ներեցէք պզտիկներով ըլլալուն, մեր պատճառած նեղութիւններուն համար: Բայց Տիգրանն ու Ռազմիկը մինչեւ օրս կը յիշեն Ձեր Տիգրանն ու Վարդանը: Իրենց միատեղ խաղերը, հեծանիւները:

Այնքան քիչ ժամերով սիրելի Մատլէնը յաջողեցաւ գաղափար մը կազմել տալ Մոնրէալի մասին եւ ապահովել այցելութիւնը ազգային հաստատութիւններուն: Այսօր երբ Մոնրէալ կ’ըսեն, արդէն պատկերը կ’ուրուագծուի երեւակայութեանս մէջ: Ու այդ համեստօրէն խոստովանելու կը պարտինք ձեզի:

Մեր վերադարձին Լիբանանը խաղաղած գտանք: Հակառակ մէկ ամսուան մէջ երկու նախագահական ընտրութեան:[civ] Թէեւ դպրոցական վերամուտը ուշ պիտի սկսի, սակայն ապահովութեան պայմաններուն մէջ: Մինչեւ օրս պզտիկները առանց դպրոցի մնացին: Ահա՛ կ’ընէ հինգ ու կէս ամիս: Ուղղակի կարօտցեր են դպրոցը: Լիբանանի տարօրինակութիւններէն մէկն ալ այս է: Յուսանք կը վերջանան այս տարօրինակութիւնները:

Սիրելի Մատլէն, սպասեցի որ կը ղրկես «Ապագայ»[cv] եւ «Հորիզոն»[cvi] թերթերուն այն թիւերը, ուր արձագանգ դրուած էր մեր այցելութեան մասին: Մեր արխիւին համար կարեւոր է: Կրնամ տակաւին յոյս կապել:

Քեռիդ՝ Պետրոսը Հայաստանէն հիմա արդէն վերադարձած ըլլալու է: Յակոբին հարցին մասին նորութիւններէն եթէ զիս տեղեակ պահէք՝ գոհ կը մնամ: Ձեզմէ անմիջապէս վերջ պիտի գրեմ Պետրոսին,[cvii] Թորոնթօ: Մինչ այդ, բարեւեցէք տիկին Լորիսին՝[cviii] լուռ եւ ազնիւ մօր տիպարին, Ստեփանին,[cix] տիկնոջ եւ Ձեր եւ իրենց բալիկներուն:

Ջերմ բարեւներով՝

Պէպօ Սիմոնեան եւ ընտանիք

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Գեղամ Սեւանին

 

[Պէյրութ,] 2 Յունուար 1984[cx]

 

Յարգելի դոկտ. Գեղամ Սեւան,

Երեւան.

Սիրելի Գեղամ,

Մեր վերադարձէն ի վեր շունչ չառինք: Քանի եկած ենք՝ կռիւները չեն դադրած: Կրնաս պատկերացնել մեր վիճակը: Կրթական անբնական վերամուտ մը ունեցանք ուշացումով: Կարծես չէր բաւեր ատիկա, կոյր ռմբակոծումերու վերսկսումով դպրոցները ընդհատումներ ունեցան եւ կ’ունենան: Օդակայանին ալ փակ մնալը պատճառ եղաւ, որ նամակս ուշացնեմ: Մինչեւ օրս տակաւին Հայաստանէն օդանաւ չէր գար: 4 Յունուարին կը սպասուի: Այդ լուրը առնելուս պէս անմիջապէս սկսայ գրի առնել սոյն նամակս, ուշացուցած ըլլալու գիտակցութեամբ:

Առաջին հերթին շնորհաւորեմ գրական մեծ յաջողութիւնդ, արժանացած գրական մրցանակիդ առիթով: Նոր տարուան բարեմաղթութիւնս ալ միացնելով՝ ստեղծագործական նոր նուաճումներ կը մաղթեմ քեզի: Լուռ ու մունջ աշխատելու ոճդ, քաշուած տանդ չորս որմերուն մէջ, սիրեցի: Ամենէն մեծ հաճոյքը գրագէտ մարդը կ’առնէ իր աշխատանքի եւ ստեղծագործական սեղանին առջեւ:

Վերադարձէս ի վեր սկսած եմ խմբագրել «Արարատ»ի մշակութային էջը: Այլ պարտադիր ընթերցումներ եւ զբաղումներ թոյլ չտուին, որ կարդամ վէպդ:[cxi] Մտադիր եմ մրցանակ ստանալուդ առիթով էջ մը նուիրել: Յայտնեմ նաեւ, որ Եդուարդ Ջրբաշեանի[cxii] ծննդեան 60-ամեակին առիթով եւս կը մտածեմ իր գրականագիտական վաստակը արժեւորել: Մինչ այդ, թեկնածուականիս մասին Փետրուարին մանրամասնօրէն կը գրեմ:

Ես շատ գոհ վերադարձայ Հայաստանէն: Գոհ վերադառնալուս մէջ դուն ալ քու բաժինդ ունեցար: Մասնաւորաբար հայագիտական թեքումով 26 կոմիսարներու անուան դպրոցի այցելութիւնը կ’ուզեմ յիշել, օր մօտերս «Արեւմտահայերէնի տաղաւարը Երեւանի մէջ» խորագրով պիտի տպուի: «Գարուն»ի ձախողած հանդիպումը պէտք չէ պատահեր, բայց պատահեցաւ, ի՞նչ ընենք: Քու ներկայութեանդ «Գրական Թերթ»ին, գլխաւոր խմբագիր Նորիկ Ատալեանին երկու քերթուած յանձնեցի տպուելու համար: Արդեօք լոյս տեսա՞ւ: Եթէ լոյս տեսաւ՝ կրնա՞մ խնդրել քեզմէ, որ այդ թիւը բարի ըլլաս ինծի ղրկելու: Իսկ եթէ չտպուեցաւ՝ յիշեցնել Նորիկ Ատալեանին: Մօտերս իրեն ալ պիտի գրեմ: Մինչ այդ ընդունէ՛, սիրելի Գեղամ, բարեկամական լաւագոյն մաղթանքներս քեզի եւ ընտանիքիդ անդամներուն:

 

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 7 Օգոստոս 1984[cxiii]

 

Յարգելի դոկտ. Գեղամ Սեւան,

Երեւան.

Սիրելի Գեղամ,

Յուսամ ստացած ես 2 Յունուար թուակիր նամակս: Անկէ ետք ծրարուած ղրկեցի «Արարատ» օրաթերթի այն թիւերը, ուր երկու թիւով նկարագրած էի 26 կոմիսարներու անուան դպրոցի տնօրէնին հետ մեր հանդիպման պահը՝ «Արեւմտահայերէնի տաղաւարը Երեւանի մէջ» խորագրուած յօդուածի մը մէջ: Արդեօք կարելի եղա՞ւ յօդուածը դնել նաեւ տնօրէնուհի Սիրանոշ Մաճառեանի տրամադրութեան տակ: Այս անգամ, որ նամակիս պատասխանը կ’ակնկալեմ, պիտի փափաքէի որ քանի մը տողով անդրադառնաս նաեւ այդ տպաւորութեան մասին:

Չմոռցած ըսեմ թէ Եդուարդ Ջրբաշեանի ծննդեան 60-ամեակին առիթով «Արարատ»ի մշակութային էջը նուիրեցի: Յուլիսին Մանուէլ Ադամեանը[cxiv] Երեւան կու գար, հետը ղրկեցի: Պիտի ստուգես թէ ստացա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Հիմա գանք բուն խնդրին: Քանի մը օր առաջ Ռոմէն Քոզմոյեանը յայտնեց թէ թեկնածուական պաշտպանելու դիմումնագիրս ընդունուած է յառաջիկայ տարուան համար: Ուրախացայ: Առաջին հերթին քեզ յիշեցի: Դուն էիր այս ուղղութեամբ զիս շարժողն ու խանդավառողը: Հիմա անցնինք գործնականի, ժամանակ չկորսնցնելու համար: Ի՞նչ կը թելադրես: Ղեկավարս նշանակուելու համար ի՞նչ միջոցի դիմելու ենք: Կ’ուզե՞ս այս մասին խորհրդակցիլ Եդուարդ Ջրբաշեանի հետ: Թեմայի ընտրութեան մասին ի՞նչ կը թելադրես: Անցեալ ամառ ես քեզի իմ նախընտրութեանս մասին խօսած էի: Կը մնայ նոյնը, այսինքն՝ պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան նոր դպրոցը: Ե՞րբ Երեւան գալու եմ ամենէն ուշը: Այս տարի, գիտես, անբնական կրթական տարեշրջան մը ունեցանք: Հազիւ ամիս մը արձակուրդ չունեցած՝ կրկին վերամուտ պիտի ունենանք շուտով: Հնարաւոր չէ որ ես անմիջապէս Երեւան կարենամ գալ: Մինչ այդ, ի զուր չանցնին օրերս: Ինչ որ հեռակայ կարգով կարելի է, ընե՛նք: Այս հարցերու[ն] մասին կը սպասեմ ունենալ քու անմիջական պատասխանդ: Կարծեմ այս օրերուն Զոհրապն ու Վալանը Պէյրութ պիտի գան, կրնաս անոնց հետ բացատրագիր մը ղրկել, այլապէս ուրիշ միջոցով, բայց հնարաւորին չափ շուտ:

Կը մնայ խոստումս վերջին վէպիդ մասին գրելու: Ան ալ՝ շուտով:

Ջերմագին բարեւներով կը փակեմ նամակս:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 12 Յուլիս 1985[cxv]

 

Սիրելի Գեղամ Սեւան,

Երեւան.

Անցեալ տարի չյաջողեցայ գալ Երեւան մեր երկրի խառնակ կացութեան եւ անցագրային դժուարութեան պատճառաւ: Յայտնեմ, որ անցեալ տարեշրջանի համար ներկայացուցած դիմումնագիրս Հայաստանի բարձրագոյն ուսման մինիստրութեան, ասպիրանտուրայի կապակցութեամբ, ընդունուած էր: Քանի չկրցայ գալ, այս տարի պէտք է նորոգուէր: Նորոգման համար նամակս յանձնեցի ընկեր Ռոմէն Քոզմոյեանին, որ ամենէն ուշ Յուլիսի վերջերը պիտի ըլլայ Երեւան: Խոստացաւ անձամբ ձեւակերպել եւ Օգոստոսի կէսերուն նոր տարեշրջանի ուսանողական վիզաներուն հետ իմս եւս ուղարկել: Այս բոլորը կ’ըսեմ պարզապէս անոր համար, որ Սեպտեմբերի սկիզբը ծրագրած եմ, եթէ որեւէ անակնկալ չպատահի, Երեւան ըլլալ զուտ ասպիրանտուրայի հարցերով զբաղուելու:

Թեկնածուական թէզիս համար ղեկավարս ըլլալու խոստումդ պիտի պահես հարկաւ: Այս այցելութեամբս կը փափաքիմ, որ թէզիս նիւթին առնչութեամբ վերջնական համաձայնութիւնը կը գոյանայ: Երկու տարի առաջ խօսած էինք այս մասին. «Պոլսահայ բանաստեղծութեան նոր դպրոցը» իմ նախասիրած նիւթս կը կազմէ: Յատակագիծ մը կազմած եմ արդէն, բայց աւելի աշխատանք չտարի, նկատի ունենալով, որ վերջնականապէս հաստատուած չէ տակաւին: Սեպտեմբերին երբ ընդունուի, վերադարձիս կը սկսիմ աշխատիլ: Եթէ հարկ եղաւ փոխել նիւթը, ի զուր աշխատանք տարած չեմ ըլլար:

Յուսամ Սեպտեմբերի առաջին օրերուն քեզ Երեւան կը գտնեմ: Երկու շաբաթէն պէտք է վերջացնեմ աշխատանքներս: Քու ներկայութիւնդ խիստ կարեւոր է այս տեսակէտով:

«Գրական Թերթ»ի մէկ թիւէն նկատեցի, որ սփիւռքահայ գրականութեան նուիրուած նստաշրջան տեղի ունեցած է: Երեւոյթը իրապէս քաջալերական է, յատկապէս սփիւռքահայ կարգ մը արժէքաւոր դէմքերու համար ցոյց տրուած լայնախոհութեան համար: Քու ջանքերդ մեծ են այս ուղղութեամբ:

Լիբանահայ գրական կեանքը գրեթէ լճացած է: Պատերազմական առօրեան անդամալուծած է մեր կեանքը: Հակառակ այդ իրավիճակին, գրական-ստեղագործական աւիշը չէ ցամքած տակաւին: Գրողներ հանդէս կու գան նոր գործերով: Մեր շրջանակէն Մանուէլ Ադամեանի բանաստեղծութիւններու հատորը՝ «Տաք Մոխիր»[cxvi] եւ տոքթ. Արշակ Գազանճեանի[cxvii] «Մերին Ամերիկան»[cxviii] արձակ էջերը: Աշնան լոյս տեսնելու համար հրատարակութեան յանձնած եմ «Մայրիներու Արմատները» խոհական խորքով եւ արձակ բանաստեղծութեան ժանրով հատորս: Բանաստեղծութիւններու նոր հատորս՝ «Ծառին Ճիչը», գրեթէ տպագրութեան համար պատրաստ է:

Յառաջիկայ երկու տարիներու[ն] համար ծրագրած եմ աշխատիլ թէզիս վրայ:

 

Բարեկամական ջերմ զգացումներով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Սահակ Գթֆեանին

 

[Պէյրութ,] 20 Փետրուար 1985[cxix]

 

Սիրելի պր. Սահակ Գթֆեան,

Լոս Անճելոս.

Ստացայ Նոր տարուան շնորհաւորական «քարթ»դ: Անով ալ հաստատեցի թէ չես մոռցած Լիբանանն ու Լիբանանի բարեկամներդ: Որքան ալ մարդ հեռանայ Լիբանանէն, չի կրնար մոռնալ զայն: Մանաւանդ մենք, այսինքն՝ մեր սերունդը, որուն մանկութիւնը անցաւ գեղեցիկ Լիբանանի ապահով պայմաններուն մէջ: Բայց մեր զաւակներուն մանկութեան գեղեցիկ օրերը անցան ու կ’անցնին պատերազմական առօրեայով շնչող լիբանանեան անապահով հովիտին մէջ:

Մեկնումի թուականէդ ասդին ծանր ու ահաւոր օրեր չանցուցինք, ինչպէս սովորութիւն է ըսել վերջին տարիներու լիբանանեան ոճով: Ընդհակառակը, խաղաղ վերամուտ մը ունեցանք ճիշդ ժամանակին եւ մինչեւ օրս առանց հիմնական ընդհատումի կը շարունակենք, եթէ չհաշուենք Դեկտեմբերին պատահած ռմբակոծումները, որոնք սկսած էինք մոռնալ: Բայց անոր յաջորդեց «տնտեսական պատերազմը» ամերիկեան տոլարի աննախընթաց մագլցումով: Եթէ տնտեսական տագնապը բաղդատելու ըլլամ պատերազմական վիճակին տագնապով, տնտեսականը կը նախընտրեմ, հակառակ իր ստեղծած բոլոր դժուարութիւններուն: Դուն շատ լաւ կը հասկնաս ըսածս, ինչ կը նշանակէ տունէն հանդարտ մտքով դուրս ելլել եւ առանց մղձաւանջի տուն վերադառնալ…: Տիկինս եւ երկու մանչերս ամէն օր կը շարունակեն Արեւմտեան Պէյրութ անցնիլ եւ վերադառնալ, դիմագրաւելով ամէն վտանգ եւ դժուարութիւն:

Դպրոցին վիճակը անցեալ տարուան հետ բաղդատած աւելի լաւ է: Խնամակալութիւնը ամէն շաբաթ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդարանը կը հաւաքուի եւ կը գումարէ իր ժողովները: Կարելի ճիգը կը շարունակուի: 14 Ապրիլին համար կը նախապատրաստուինք յետաձգուած 60-ամեակի յոբելինական հանդիսութեան: Այսօր գումարեցի Մայիս 19-ին տեղի ունենալիք տօնավաճառի յանձնախումբի ժողովը: Կ’ըսեմ այս բոլորը, որովհետեւ վերջին քանի մը տարիներուն դուն ալ անոնց մէջէն անցար:

Ուրախ եմ այն լուրիդ համար, որ արդէն քեզ գոհունակ պահող գործի մը սկսած ես: Զաւակներուդ եւ Անահիտի մասին ոչինչ գրած էիր: Յուսամ անոնք ալ տեղաւորուած եւ գոհ են: Կը մնայ, որ սկսած կապդ մեր շրջանակին հետ հոն եւս շարունակուի: Փափաքս է որ մօտենաս Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, «Մասիս» թերթին:[cxx] Գաբրիէլ Մոլոյեանին[cxxi] ծանօթ ես հոսկէ: Եթէ ատենը անգամ մը զիս յիշես եւ շարունակես կապ պահել՝ գոհ կը մնամ եւ անտարբեր չեմ անցնիր, ինչպէս չանցայ Նոր տարուան «Քարթ»իդ վրայէն:

 

Քեզ բարեկամաբար յիշող՝

Պէպօ Սիմոնեան

[Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

17 Դեւին

Պէյրութ, 12 Յունուար 1967[cxxii]

 

Ազնիւ եւ հեռաւոր բանաստեղծ բարեկամ Դեւ,

15 Դեկտեմբեր թուակիր ձեր սիրուն եւ գեղեցիկ տոմսակը ստացայ իր օրին: Տպաւորիչ էր քարթը հայ մեծ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի դամբարանին գունաւոր նկարով եւ ետեւը՝ նոյնքան մեծ բանաստեղծ եղիշէ Չարենցի սրտառուչ եւ իմաստալից քերթուածով: Գաղափարը շնորհաւորելի էր: Շնորհակալ եմ: Միայն կը մնայ այս առիթով ըսել թէ անցեալ տարի որ Միսաք Մեծարեցի ծննդեան 80-ամեակն էր, շատ անշուք անցաւ: Եթէ չհաշուենք Հայաստանի կարգ մը գրական թերթերու մէջ գրուած պարագայական յօդուածները, ո՛չ մէկ ձեռնարկ, ո՛չ մէկ լուրջ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ արեւմտահայ այդ մեծ բանաստեղծին յիշատակին եւ գրական վաստակին նուիրուած: Ամօթալի՛ երեւոյթ: Եթէ մենք, սփիւռքի հայերս տէր չկանգնինք մեր արեւմտահայ գրական ժառանգութեան, հապա ինչպէ՛ս պիտի պահանջենք Հայաստանի մտաւորականութենէն որ արժանավայել գնահատանքը ընեն արեւմտահայ գրականութեան գեղեցկութիւններուն հանդէպ: Այսքանը, փակագիծի մէջ ըսուած խօսքեր են:

Անցնելով Ձեր ղրկած քարտին բովանդակութեան, նախ պարտք կը զգամ իմ շնորհակալութիւններս յայտնելու Ձեր այդքան անկեղծ եւ ազնիւ զգացումներուն համար: Ուրախ եմ,[cxxiii] որ անմիջապէս կարդացեր էք եւ բարի գտնուած Ձեր տպաւորութիւնները փոխանցելու: Որովհետեւ, այդ գրքոյկէս միայն 300 օրինակ տպած եմ եւ բաժնած մասնաւորաբար Հայաստանի եւ ապա սփիւռքահայ գրողներուն, մտաւորականներուն: Զիս շատ կը հետաքրքրէր իմ գրող եւ[cxxiv] մտաւորական ընթերցողներուս տպաւորութիւնները եւ կարծիքները եւ նոյնիսկ քննադատութիւնները: Շնորհակալ եմ կրկին, որ այդ ազնըւութիւնը ունեցած էք նախ Ձեր ստացած ըլլալը հաղորդելու եւ նաեւ Ձեր տպաւորութիւնները հեղինակին փոխանցելու: Աս ալ կ’ըսեմ անոր համար որ[cxxv] շատ-շատերէն երկտող մ’անգամ չստացայ, վստահ ըլլալու համար թէ իրենց ձեռքը հասա՞ւ, թէ՞ չհասաւ գիրքը: Այս մարզին մէջ հայաստանցիք մրցանիշը կը կտրեն: Մօտ 45 օրինակ ղրկած եմ հայաստանցի գրողներու, մտաւորականներու եւ քննադատներու: Ո՛չ մէկ տող, ո՛ր մէկէն, իրենց գէթ ստացած ըլլալը հաստատող: Տխուր է, բայց իրականութիւն: Վերջերս միայն լսեցի, Լիբանանէն Հայաստանի գրողներու համագումարին մասնակցած բանաստեղծ Գառնիկ Ադդարեանէն,[cxxvi] թէ ստացած են գրքոյկներս, լաւ ընդունելութիւն գտած է եւ Ստ. Կուրտիկեան համագումարին մէջբերումներ կատարած է գրքոյկէս: Չմոռնամ ըսելու կամ աւելի ճիշդ՝ հարցնելու թէ Պարսկաստանէն ոեւէ գրող չհրաւիրուեցա՞ւ: Ինչո՞ւ այս անտեսումը: Հոն եւս կան վաւերական տաղանդով օժտուած գրողներ: Հետաքրքրական է գիտնալ:

Իր օրին հետաքրքրութեամբ կարդացեր եմ Ձեր գլխաւորութեամբ խմբագրուած Պարսկահայ գրականութեան էջերը: Համադրական գեղեցիկ փորձ մըն էր պարսկահայ գրողներուն գրական ստեղծագործական ճիգերը ցոլացնող: Իր տեսակին մէջ նորութիւն էր: Երանի բոլոր գաղութներն ալ մտածեն նման հրատարակութեան մը մասին: Օրինակելի էք դուք նաեւ Ձեր գրողներու միութեան գործ[ու]նէութեամբ, յարատեւութեամբ եւ միասնականութեամբ: Կը մնայ մեզի մաղթել, որ առաւել եւս արդիւնաւորուի[ն] Ձեր գրական եւ ստեղծագործական ճիգերը եւ հայ գրականութիւնը հարստացնէք գրական մնայուն երկերով:

Սիրելի՛ բարեկամ,

Յուսամ մեր նամակագրութիւնը այս կերպով կը շարունակուի: Մինչ այդ, Ձեզմէ խնդրանք մը ունիմ:

Ծրագրած եմ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը, որպէս գիտական թէզ ներկայացնել Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային: Պարսկահայ գաղութն ալ իր մնայուն տուրքը տուած է եւ կու տայ մեր արտերկրի պայմաններու[ն] մէջ մշակուած բանաստեղծութեան: Հետեւաբար պարսկահայ բանաստեղծները եւ բանաստեղծութիւնը եւս արժանաւորապէս մաս պիտի կազմեն[cxxvii] ուսումնասիրութեանս: Ձեզմէ նախ պիտի խնդրեմ որ օգնէք ինծի այս ուղղութեամբ: Մենք այստեղ Ձեր գաղութի[ն] բոլոր բանաստեղծական հրատարակութիւնները ունենալու հնարաւորութենէն զուրկ ենք: Ձեզմէ սկսելով ղրկէիք ինծի հատորով մը, կամ քանի մը հատորով հանդէս եկած բանաստեղծներու գործերը: Իսկ աւելորդ է ըսել թէ նման ձեռնարկ մը առաւելագոյն չափով գիտական տարողութիւն պէտք է ունենայ: Անոր համար շատ շնորհակալ կ’ըլլամ, եթէ պատրաստելիք մատենագիտութեանս ալ օգտակար ըլլաք, եւ ղրկէք ինծի Ձեր մասին ցարդ գրուած յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու եւ գրախօսականներու ցանկը՝ թերթերուն եւ յօդուածներուն անուններով:

Շատ շնորհակալ պիտի ըլլամ, եթէ սոյն ձեռնարկին յաջողութեան համար բերէք Ձեր օգտակար եւ անհրաժեշտ գործակցութիւնը: Մինչ այդ սպասելով Ձեր դրական պատասխանին՝ մնամ յարգանքներով,

 

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 16 Ապրիլ 1967[cxxviii]

 

Ազնիւ բանաստեղծ բարեկամս Դեւ,

Իր օրին ստացեր եմ Ձեր զոյգ նամակները, որոնք եկան աւելի մօտէն ծանօթացնելու Ձեզ՝ Ձեր հոգեկան հազուագիւտ առաքինութիւններովը: Խորապէս տպաւորած է[cxxix] զիս Ձեր զոյգ նամակներուն բովանդակութիւնը: Ուրախ եմ ծանօթանալու Ձեր ներքին՝ իրաւ մարդուն: Մասնաւոր հաճոյք պիտի ըլլայ օր մը հանդիպիլ Ձեզի եւ անձամբ ալ ծանօթանալ: Կը սպասեմ այդ բարեբախտ օրուան… Ցաւ է ըսել, սակայն իրականութիւն է, որ դժուար է այս դարուն մարդու հանդիպիլը, մարդ գտնելը: Անշուշտ գլխագիր Մարդ… Նոյնիսկ գրողներու շրջանակներու մօտ չես հանդիպիր այդ մատնանշել ուզուած[cxxx] մարդուն… Յուսախաբ կ’ընեն քեզ իրենց նախանձներով, քէներով, հաշիւներով, գձուձութեամբ եւ մասամբ նորին… Յաճախ տխրեցուցած են զիս, երբ վերոյիշեալ ախտագին երեւոյթները գտած եմ գրող-գրագէտ-բանաստեղծ եւ մտաւորական մարդոց մօտ: Երբեմն տաղանդաւոր ալ կ’ըլլան դժբախտաբար, սակայն զուրկ՝ հոգեկան վսեմ առաքինութիւններէ: Ինծի համար բանաստեղծը մարդկային բարձրագոյն տիպարն է, եթէ բանաստեղծ է իրապէս հոգիով ալ՝ այսինքն ունի բարութեամբ, անկեղծութեամբ, ազնըւութեամբ ու մարդասիրութեամբ բաբախող սիրտ մը, ոսկի սիրտ… Տաղանդին չափ կարեւոր յատկանիշ մըն է այս մէկը: Մէկը կրնայ մէկ տող իսկ բանաստեղծութիւն գրած չըլլալ՝ սակայն բանաստեղծ ըլլալ կեանքի[ն] մէջ հոգիով, զգացումներով աշխարհի, կեանքի, մարդոց եւ բնութեան հանդէպ բռնած իր դիրքով, կեցուածքով: Ուիլիամ Սարոյեան իր «Իմ Սիրտը Լեռներում Է» թատրերգութիւններու գիրքը ձօնած է բոլոր անոնց որ՝

ով սրտով անկեղծ է,

ով կեանքում բանաստեղծ է.

Բարձրին ու ցածրին, ում կեանքը երգ է,

Եւ ծերին մանուկ, եւ մանկան անվիշտ,

Ով սրտով լեռներում է մի՛շտ:

Շատ սիրած եմ այս ձօնը: Խորունկ եւ պարզ: Որքան ցանկալի պիտի ըլլար մարդկային ընկերութեան մէջ հանդիպիլ անեղծ սրտով, կեանքում բանաստեղծ մարդերու: Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ բանաստեղծական համբաւի տիրացած դէմքեր կան, որոնց հոգին թշնամի է պարզին, վսեմին, բարիին: Իրենց հոգիին անբանաստեղծականութիւնը պարտկած են[cxxxi] բառերու ծիրանիին տակ: Հիմա պիտի ըսես՝ ի՛նչ առիթով կ’ըլլան այս անկապ խորհրդածութիւնները ու ո՛ւր պիտի հասնին: Թէ ի՛նչ առիթով կ’ըլլան՝ յստակ է: Ձեր վերջին նամակին մէջ ներփակած էիք նաեւ Միհրդատ Թիրեաքեանի «Պարզ Քաղաքավարութիւն» խորագրուած գրութիւնը, որ այսպէս կը վերջացնէ. «Արդեօք համբաւի տէր մեր բանաստեղծներն ու գրողները շատ կը տեսնեն շնորհակալութեան բառ մը գրելը: Ցաւալի, խիստ ցաւալի է այս երեւոյթը եւ կը խոստովանիմ՝ համեստ հեղինակիս համար միանգամայն անհասկնալի»: Այո՛, բարեկա՛մ, շատ կը տեսնեն շնորհակալութեան բառ մը գրելը եւ արտասանելը: Որովհետեւ աղքատ են ու գձուձ: Որովհետեւ սրտով անեղծ ու կեանքում բանաստեղծ չեն: Կը կարդան գիրքդ, կը հաւնին ալ՝ սակայն ազնըւութիւնը չեն ունենար խոստովանելու ատիկա… Սակայն, եթէ պատահի որ գիրքի մը առիթով լաւ բաներ չկան ըսելիք, կարկամած լեզուները ծորակի պէս կը բացուին եւ խծբծանքները կը հոսին ջուրի պէս…

Ներո՛ղ եղիր, սիրելի՛ բարեկամ, որ զոյգ նամակներուդ այսքան ուշ պատասխանելէս ետքմ մուտքի խորհրդածութիւններովս ծանրաբեռնեցի նամակս: Եւ այդ պատճառ եղաւ որ տարուելով՝ մոռնամ Ձեր առողջական վիճակը հարցնելու: Յուսամ մինչեւ հիմա բոլորովին առողջացաք: Նամակիս ուշացման պատճառը բազմազբաղ առօրեաս է: Մինչեւ այս տարի ուսուցչութիւն կ’ընէի դասաւանդելով քանի մը վարժարաններու մէջ հայերէն լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն: Աւելի ազատ էի… պատասխանատուութենէ զերծ… Այս տարի կոչուեցայ Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնին: Ինձմէ շատ ժամանակ կը խլէ տնօրէնութեան պաշտօնը: Տաղտուկներ շատ ունի, սակայն այն իրողութիւնը թէ երիտասարդական կորովդ ու խանդավառութիւնը ի սպաս դրած ես հայ նորագոյն սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, մոռցնել կու տայ բոլոր յոգնութիւններդ եւ տաղտուկները: Երբեմն այնքան կը յոգնիս որ ընթերցումի ժամանակ անգամ չմնար: Մանաւանդ որ ինծի համար գրական ընթերցանութիւնը հաճոյք է եւ այնպիսի հաճոյք որ չկարդացած օրս անհանգիստ կը զգամ… Անկողնիս քով կարդացուելիք գիրքերը կարգի կը սպասեն…

Սիրելի՛ բանաստեղծ բարեկամ,

Այս ամառ ամբողջութեամբ պիտի նուիրուիմ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան նուիրուած թէզիս պատրաստութեան: Հիմակուընէ արդէն լծուած եմ գիրքերու, աղբիւրներու, մատենագիտութեան հաւաքման աշխատանքին: Ջերմապէս պիտի խնդրեմ Ձեզմէ որ ինծի պէտք եղած աղբիւրները ղրկէք: Եթէ հնարաւոր է հին եւ նոր բանաստեղծական հրատարակութիւններու եւ բանաստեղծ դէմքերու ցանկը պատրաստէք: Նոյնը խնդրած էի Փարիզի համար, Հրանդ Բալուեանին: Անմիջապէս ղրկեց: Հետեւեալ կերպով կրնաք նկատի ունենալ: Պարսկահայ բանաստեղծութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ուզէիք որ ներկայացուի: Կրնա՞ք ինծի Թեհրանէն գրատան մը անունը տալ, որպէսզի անոր հետ կապ հաստատեմ իրանահայ բանաստեղծական հրատարակութիւնները տրամադրութեանս տակ ունենալու համար: Ինծի համար այս բոլորը կենսական նշանակութիւն ունին: Վստահ եմ որ պիտի ուզէք օգտակար ըլլալ, Ձեր կարելիութիւններուն ներած չափով:

Հաճոյք է ինծի համար այսուհետեւ Ձեր հետ նամակցիլը: Եթէ Դուք ալ նոյնպէս կը զգաք, գրեցէք երբ որ պէտք զգաք. հաճոյքով պիտի պատասխանեմ:

Ծանօթ. Եթէ ո[ր]եւէ ապահովագրուած բան ուղարկելու ըլլաք՝ գրեցէք Պետրոս Գալայճեան:

 

Սիրով եւ անկեղծութեամբ՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 4 Մայիս 1967[cxxxii]

 

Սիրելի բարեկամս Դեւ,

Ստացայ Ձեր բացիկը: Ցաւ է ինձ համար իմանալ, որ Ձեր առողջական վիճակը վատթարացած է: Անկեղծօրէն կը մաղթեմ որ շուտափոյթ ապաքինում ունենաք:

Ձեր մտահոգութիւնը փարատելու համար ըսեմ, թէ ստացայ նաեւ Ձեր ինծի ուղարկած գիրքը՝ «Իրանահայ Արդի Գրողներ»: Շնորհակալ եմ: Ձեզի գրած շրջանիս տակաւին չէի ստացած:

 

Սիրով՝

Պ.Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 17 Դեկտեմբեր [1]973[cxxxiii]

 

Սիրելի բանաստեղծ բարեկամս Դեւ,

Երջանիկ տարի ամէն բանէ առաջ: Ուրախ տրամադրութիւն: Ստեղծագործական աւիւն:

Ընդունէ՛ ամանորի առիթով ջերմ մաղթանքներս:

 

Պ. Սիմոնեան

17 – 12 – [1]973

 

*          *          *

 

 

  1. 18. Արա Երեւանեանին

 

[Պէյրութ,] 13 Յունիս 1983[cxxxiv]

 

Յարգելի պր. Արա Երեւանեան,[cxxxv]

Պետական երեսփոխան Մեթնի շրջանի,

Պէյրութ.

Յարգելի բարեկամ,

«Սահակեան»ի 60-ամեակի Յոբելինական Գործադիր Մարմինս, վերջին նիստին, մարմնի ատենապետին՝ պր. Վահրիճ Ճերեճեանի[cxxxvi] զեկոյցէն ուրախութեամբ տեղեկացաւ Ձեր 100 հազար լ. ո. ազնուական նուիրատուութեան մասին, որպէս նախագահ 60-ամեակի յոբելինական ճաշկերոյթին:

Տէր եւ Տիկին Ձեր ներկայութիւնը ճաշկերոյթին, ինչպէս նաեւ սրտաբուխ ելոյթը՝ յատուկ փայլ տուին հանդիսութեան, որ գնահատուեցաւ ներկաներուն, ապա, «Արարատ»ի մէջ լոյս տեսած թղթակցութեամբ՝ «Արարատ»ի ընթերցողներուն կողմէ:

«Սահակեան»ի կրթական ֆոնտին կատարած Ձեր նո՛ր, շօշափելի նուիրատուութիւնը կու գայ գումարուելու այն բոլոր նիւթական եւ բարոյական նպաստներուն, որ բերած էք հայ կեանքին եւ անոր վերելքին: Գիտենք թէ «Սահակեան»ը այդ բոլորին մէջ եղած է Ձեր սրտին մօտ եւ հարազատ հաստատութիւն մը, որուն կառուցման եւ արդիական շէնքով օժտուելուն մէջ ալ, որպէս Շինութեան Յանձնաժողովի նախագահ, ունեցած էք Ձեր դրական եւ գնահատելի մասնակցութիւնը: Յոյսով ենք, որ «Սահակեան»ը պիտի շարունակէ մնալ Ձեր հոգածութեան եւ ուշադրութեան առարկան, որուն այնքան կարիքը ունի ան, լիբանանահայ դպրոցին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններով յատկանշուող այս օրերուն:

Ձեր անունը արձանագրուած է արդէն «Սահակեան»ի կրթանուէր բարերարներու ցանկին մէջ:

60-ամեակի յոբելինական ճաշկերոյթին որպէս յիշատակ՝ Ձեր տրամադրութեան [տակ] կը դնենք «վիտիօ-քասէթը»: Ընդունեցէք անգամ մը եւս մեր սրտագին շնորհակալութիւնները:

 

Տնօրէն՝ Պ․ Սիմոնեան                    Ատենապետ՝ Վ. Ճերեճեան

 

*          *          *

 

 

  1. Արփի Զամանեանին

 

[Պէյրութ,] 17 Մայիս 1983[cxxxvii]

 

Ազնիւ բարեկամուհի օր. Արփի Զամանեան,

Միւնիխ.

Սիրելի Արփի,

Ամէն անգամ այցելութեամբդ մեզ կ’ուրախացնես: Ապրիլի սկիզբը Վանիկ Խանճեանի հետ 60-ամեակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսին ներկայութիւնդ իրապէս տպաւորիչ էր: Շատեր գնահատեցին հեռաւոր Եւրոպայէն մասնաւորաբար «Սահակեան»ի ճաշկերոյթին ներկայ գտնուելու զոհողութիւնդ:

«Սահակեան»ը Ձեզ կ’ընդունի որպէս բարերար եւ անկեղծ բարեկամ: Այդպիսի բարեկամներու անկեղծ սրտակցութեամբ հաստատութիւններ կը շարունակեն կանգուն մնալ եւ շարունակել իրենց առաքելութիւնը:

Մենք գիտակից ենք քու նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւններուդ, որոնց համար դարձեալ ընդունիր մեր սրտագին շնորհակալութիւնները: Դուն մէկ իրողութեան պիտի համոզուիս, որ ի՛նչ որ կը տրուի «Սահակեան»ին, լաւագոյնս կը ծառայէ իր նպատակին: Անշուշտ, լիբանանեան պատերազմին աւերները եթէ չըլլային, շատ աւելի առաջ կ’երթար «Սահակեան»ը: Բայց հեռու չէ այն օրը երբ Ձեզ բոլորդ որպէս բարերար թէ բարեկամ կը հպարտացնէ «Սահակեան»ը իր արդիւնքներով եւ յաջողութիւններով: Մինչ այդ, պէտք է համբերենք եւ տոկանք:

Ապրիլ 25-էն ի վեր «Արարատ»ը կը տպուի Սահակեանի տպարանին մէջ: Հոն եւս, բարերարութեանդ ազնուութիւնը բարիք բերաւ մեր շրջանակին:

Աստուած վարձահատոյց ընէ քեզ: Մեսրոպ ծ. վարդապետ Գրիգորեանին՝[cxxxviii] «Սահակեան»ի 60-ամեակին ուղղուած ողջոյնի գիրը տպուեցաւ «Արարատ»ի մէջ: Յուսամ ձեռքը կը հասնի: Ազատուհին իրեն քանի նամակներ գրեց, ոչ մէկուն պատասխանեց: Գիտէք թէ առաջնորդական պաշտօնը իրմէ շատ ժամանակ կը խլէ:

Կրկին Լիբանանի երկնքին վրայ ամպերը կուտակուեցան: Անապահովութիւնը դարձեալ մուտք գործեց մարդոց հոգիներէն ներս: Շաբաթ մը, կոյր ռմբակոծումներու հետեւանքով, դպրոցները փակ մնացին: Բարեբախտաբար այս անգամ «Սահակեան»ը զերծ մնաց: Եթէ այսպէս մնայ՝ լաւ: Յուսանք ողջ-առողջ դուրս կու գանք այս հանգրուանէն:

Գիտեմ թէ նամակներու չես պատասխաներ: Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը, ուրեմն, մնաս ուրախ, զուարթ եւ ժպտուն: Քեզ միշտ ժպտուն տեսնելու կարօտով՝

 

Տնօրէն

Պ․ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 21 Մարտ 1985[cxxxix]

 

Ազնիւ բարեկամուհի Արփի Զամանեան,

Լիբանանեան քաղաքական կեանքի անապահովութիւնը կ’երեւի պատճառ կ’ըլլայ, որ Ձեր Լիբանան այցելութեամբ մեր հանդիպումները կրկնուին: Մենք, Ձեզ Ձեր բացակայութեան ալ միշտ կը յիշենք: Ձեզ յիշեցնել տուող կէտերը բազմաթիւ են: Նա՛խ Ձեր հաղորդական նկարագիրը, ապա հայրենասիրական եւ գաղափարական հայուհիի զոհողութիւնները ի խնդիր ազգային ու կրթական նպատակներու իրագործման:

«Սահակեան»ը առանձնապէս Ձեզ յիշելու յաւելեալ պատճառ ունի: 1981-էն ասդին մենք շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր որդեգրած 12 սաներուն համար տարեկան 12 հազար լ. ո. նպաստը: Նպաստ մը, որ մէկ կողմէ եթէ կը թեթեւցնէ 12 հայ կարօտեալ ընտանիքներու տնտեսական բեռը, միւս կողմէ կը բերէ իր օժանդակութիւնը քու եւ մեր գաղափարական շրջանակի միակ կրթական հաստատութեան, որ լիբանանեան պատերազմի ամբողջ տեւողութեան ենթարկուեցաւ ծանր հարուածներու:

Վստահ եմ, զատկուան տօնական այս ուրախ օրերուն, գեղեցիկ անակնկալ պիտի թուի երախտագիտական զգացումներու այն ծաղկեփունջը, որ Ձեր որդեգրած սաները կ’արտայայտեն զատկուան տօնին առիթով:

Ընդունեցէք զանոնք որպէս հաւաստիք երախտագիտութեան:

 

Սիրով՝

Տնօրէն

Պ․ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 26 Փետրուար 1986[cxl]

 

Սիրելի Արփի Զամանեան,

Միւնիխ.

Հակառա՛կ հեռաւորութեան եւ հաղորդակցութեան կապերու թուլութեան, Դուք կը մնաք մեր լաւագոյն բարեկամներու ցանկին մէջ՝ Ձեր զոհաբերուող հայուհիի նկարագրով եւ Ձեր շրջանակին եւ շրջապատին օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ:

Մենք չենք մոռնար Ձեր բերած ծառայութիւնները Միւնիխի հայ համայնքի ազգային գործերուն, ինչպէս նաեւ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճին տարեկան 10 աշակերտներու համար կատարած Ձեր նիւթական օժանդակութեամբ: Բացի «Սահակեան»էն, Ձեզի՛ երախտապարտ կը մնան Ձեր բարերարած աշակերտներն ու անոնց ընտանիքները:

Գիտէք, որ լիբանանեան պատերազմին առաջացուցած տնտեսական տագնապէն մեծապէս ցնցուած են հայ համեստ խաւի ընտանիքները, որոնք ի վիճակի չեն այսօր հոգալու իրենց զաւակներուն դպրոցական ծախսերը: Բայց մենք մեր կրթական դերը կատարելու խղճմտութեամբ բարեացակամօրէն կ’ընդունինք հայ համեստ խաւի աշակերտները՝ դիւրացնելով անոնց նիւթական պարտաւորութիւններու դերը: Մեր այս խղճամիտ եւ բարեսիրական վերաբերումը սակայն, կը ծանրացնէ մեր նիւթական բեռը՝ տարուէ-տարի մեր պիւտճէի[ն] բացը աւելցնելով: Երկրին ապրած տնտեսական տագնապը եւս իր ծանրակշիռ անդրադարձը կ’ունենայ դպրոցներու տնտեսական դրութեան վրայ: Լիբանահայ դպրոցը, որոնց շարքին Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը, կը դիմագրաւէ ծանր կացութիւն:

Սիրելի գաղափարապաշտ հայուհի,

Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը, որպէս Ձեր գաղափարական եւ հայրենասիրական հայեացքներուն համապատասխանող կրթական հաստատութիւն, 1981-էն ասդին, բացի անցեալ տարուընէ, վայելեց 10 աշակերտներու կրթաթոշակին իբր օժանդակութիւն տարեկան տասը հազար լ. ո. նպաստին բարիքը: Անով Դուք Ձեր բացառիկ մասնակցութիւնը բերիք վերջին հինգ տարիներու Ձեր սրտի մօտ հաստատութեան տնտեսական դժուարութիւններու թեթեւացման, որը անմոռանալի կը մնայ մեր գոլէճի պատմութեան համար:

Այս տարուան համար որոշուած է Ամերիկա հանգանակութիւն կազմակերպել այնպիսի ծրագրով մը, որ հիմնական լուծում բերէ մեր տնտեսական տագնապին:

Հեղինակի ուրախութեամբ կու գամ յայտնելու, թէ անցնող Յունուարին լոյս տեսաւ արձակ էջերու մէկ երկս՝ «Մայրիներու Արմատները», որ ամբողջութեամբ նուիրուած է լիբանանեան պատերազմի ողբերգութեան: Գիրքին մեկենասը եղբայրս է՝ տոքթ. Գրիգոր Գալայճեան եւ հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի «Սահակեան»ի կարօտեալ աշակերտներու կրթական ֆոնտին: Օրինակ մը կ’ուղարկեմ Ձեզի:

Մինչ այդ, Ձեզ տեսնելու բախտաւորութեան ե՞րբ պիտի արժանացնէք մեզ: Կը թուի թէ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը չի յուսադրեր, որ այցելութիւն մը կազմակերպէք:

Կը սպասենք Ձեզմէ լուրի կամ այցելութեան:

 

Սիրով եւ բարեկամաբար՝

Տնօրէն

Պ. Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. Ռուբէն Զարեանին

 

[Պէյրութ,] 5 Յունիս 1984[cxli]

 

Սիրելի ընկեր Ռուբէն Զարեան,[cxlii]

Երեւան.

3 Փետրուար 1984 թուակիր նամակդ միայն վերջերս ստացայ, այսինքն՝ Մայիսի վերջերը: Ասով կրնաս պատկերացումը կազմել մեր ապրած երկրին անբնական պայմաններուն: Տասերորդ տարին մտանք, պատերազմական վիճակի տեսակէտով, եւ դեռ անստոյգ է պատերազմէն դուրս գալու հեռանկարը: Մարդկային տեսակէտով՝ պատերազմները անշուշտ աւերիչ են, մահ, սարսափ, անձկութիւն, մղձաւանջային առօրեայ եւ բազում այլ անանուն չարիքներ: Բայց մեզի համար մարդկայինին առընթեր կայ ազգայինը, ազգային մտահոգութիւնները: Լիբանանի հայ գաղութը կը պարպուի հետզհետէ…: Խուճապը ծայր տուած է եւ դժուար կը թուի առաջքը առնել: Ազգային կազմակերպութիւնները ջանքեր կը տանին կեցնելու համար արտագաղթի հոսանքը, բայց անհնար է կասեցնել: Դուք ալ պատերազմին մէջէն անցած էք, այդ դաժան փորձառութիւնը ապրած էք, բայց այս մէկը, Լիբանանի պատերազմը ուրիշ տեսակի պատերազմ մըն է: Բացի բոլոր պատերազմներուն պէս աննկարագիր ըլլալու հանգամանքէն, աղտոտ է ու անդիմագիծ: Ամենէն վայրագ տեսակի ռմբակոծումները պատահականօրէն սկսած խուճապի կը մատնեն քաղաքն ու անմեղ ու անզէն բնակչութիւնը: Դպրոցներն ու անմեղ երեխաները զերծ չեն ռմբակոծումներէ: Վերջերս ռումբ մը ինկաւ դպրոցի մը վրայ. մէկ դպրոցական երեխայ սպաննուեցաւ եւ բազմաթիւ ուրիշներ վիրաւորուեցան: Այս պայմաններու տակ դպրոց պիտի պահենք եւ տնօրէնութիւն պիտի ընենք:

Նամակդ վերահաստատեց մեր բարեկամութիւնը: Կը խորհէի թէ արդէն մոռցուած եմ Ձեզի համար…: Այդքան գեղեցիկ նամակագրական կապէ մը ետք, խզուեցաւ յանկարծ…: Քանի մը առիթներով այցելութիւնս ալ հետաքրքրութիւն չշարժեց…: Վերջինը այս ամառ, երկու ամիս, տնօրէններու խումբին հետ: Ձեր գրական եւ գեղարուեստական վաստակին հանդէպ միշտ պահած եմ յարգանքս: Լիբանանեան այս կացութեան բերումով վերջին տարիներու Ձեր հեղինակութիւնները չեմ ստացած: Որքա՜ն հետաքրքրութեամբ կարդացած էի ատենօք «Յուշապատում»ի առաջին գիրքը:

Զգացնելու համար, որ ոչինչ կայ մէջս, գրեցի այս նամակը: Բայց չեմ գիտեր, թէ ե՞րբ կ’անցնի ձեռքդ: Եթէ ձեռքդ անցնի՝ ուրախ պիտի ըլլամ:

 

Հին բարեկամի սիրով՝

Պէպօ

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

  1. Արմէն եւ Մէյրի Էսայեաններուն

 

[Պէյրութ,] 7 Յունուար 1983[cxliii]

 

Սիրելի Մէյրի[cxliv] եւ Արմէն Էսայեաններ,[cxlv]

Պոսթոն.

Մեր Պոսթոն այցելութեամբ ուրախ եղայ, որ վերստին հանդիպելու պատեհութիւնը ունեցայ քեզի եւ մօրդ՝ տիկին Հրանդուհիին,[cxlvi] իսկ ծանօթանալու ամուսնիդ եւ զաւկիդ՝ զոյգ Արմէններուն: Հետաքրքրական թուեցաւ ինծի, հօր եւ զաւկին, նո՛յն անունը կրելը: Արմէն անունը հայկականութեան իմաստով իր իմաստն ու արժէքը ունի: Թո՛ղ անիկա մնայուն կերպով հնչող զանգ մը ըլլայ Ձեր ընտանիքին հայեցիութիւնը յիշեցնող:

Շատ ուրախ եմ, որ ամերիկածին պատուական հայ երիտասարդի մը հետ կազմած ես հայու ընտանիքդ: Ծանօթանալով ընտանեկան պայմաններուդ՝ ընտանիքիդ անդամներուն՝ գնահատեցի: Ու քանի այս նամակը կը գրուի Նոր տարուան շրջանին, առաջին հերթին կ’ուզեմ շնորհաւորել Ձեր ընտանիքին Նոր տարին: Թող Նոր տարին Ձեր ընտանիքին բերէ առաւել երջանկութիւն, Ձեր բոլոր ցանկութիւններուն գոհացում տայ, զաւակ Արմէնին՝ ուսումնական յաջողութիւն, հայր Արմէնին՝ գործի ասպարէզին մէջ նոր նախաձեռնութիւններու ձեռնարկում, իսկ Մէյրիին՝ ուսուցչական նորանոր փորձառութիւններ:

Անշուշտ շատ կարճ եղաւ մեր հանդիպումը: Բայց լաւ տպաւորութիւններով բաժնուեցանք: Այն անկեղծ ջերմութիւնը, որ ցուցաբերեցիք մեզի հանդէպ, գիշեր մը հիւրընկալելով Ձեր տան մէջ, մեզ շատ լաւ տպաւորեց: Ապա Արմէնին մեզ հիւանդանոց առաջնորդելը, օգտակար ըլլալու ցանկութեամբ, շատ գնահատեցինք: Օտարութեան մէջ, երբ կը հանդիպիս հայրենակիցներու, որոնք ջերմութեամբ կը շրջապատեն քեզ, իրենց հացը կը կիսեն քեզի հետ, միայն ուրախութիւնը չէ որ կը համակէ, այլ մարդկային ազնիւ նկարագիրներու հետ հանդիպած ըլլալու բախտաւորութիւնը:

Սիրելի Էսայեան ընտանիք, բարի եղէք ընդունելու մեր ուշացած բայց սրտագին շնորհակալութիւնները Ձեր սիրալիր վերաբերումին համար:

Յուսանք մեր կապն ու հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի: Յատուկ կերպով բարեւեցէք Մայր Հրանդուհիին: Անոր վաստակը եւս անմոռանալի կը մնայ Դպրոցասէրի գործունէութեան մէջ:

 

Սիրով՝

Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Ժագ Էօրնեքեանին

 

[Պէյրութ,] 11 Յունուար 1986[cxlvii]

 

Յարգելի տէր եւ տիկին Ժագ Էօրնեքեան,

Լոս Անճելոս.

Հակառակ, որ Լիբանանէն հեռացաք, բայց «Սահակեան»ը եւ «Սահակեան»էն ներս տարեկան 500 լ. ո. աշակերտի մը կրթաթոշակին համար կատարած Ձեր յատկացումը չմոռնալը՝ առաքինութիւն մը կ’ենթադրէ, որը գնահատող ենք:

Ստանալով 500 լ. ո. Ձեր նուէրը, դարձեալ յատկացուցինք նոր աշակերտուհիին՝ Լիզա Քիւրեճեան, որ այս տարի նախակրթարանի Դ. դասարանն է: Նոր տարուան առիթով տասը տոլարի նուէրը եւս ձեր բարերա[րա]ծ աշակերտուհիին՝ բարեսէր հոգիի մը արտայայտութիւնն է:

Ձեր տիկինը՝ Մարօն «Սահակեան»ի աշակերտուհի եղած է, դուք ալ որպէս հայ դպրոցը գնահատող, ազգային մեր յարգանքին արժանի էք:

Կը մաղթենք, որ Աստուած Ձեր գործերուն յաջողութիւն տայ եւ Ձեր բարեգործութիւններուն մէջ ամէն տարի յիշէք «Սահակեան»ը:

 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Տնօրէն

Պ. Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. 23. Նորայր եւ Իվոն Թորիկեաններուն

 

[Նիւ Եորք,] 9 Օգոստոս 1982[cxlviii]

 

Սիրելի Նորայր եւ Իվոն,[cxlix]

Նիւ Ճըրզի.

Ձեր նուիրած թանկագին գրիչով գրուած առաջին գիրը Ձեզի կը յղեմ: Այնքան յուզուած ու զգացուած եմ այս նուէրին համար, որ թոյլ տուէք յայտնելու իմ սրտագին շնորհակալութիւններս: Ինչպէս Իվոնը կ’ըսէր, ամէն անգամ երբ ձեռք առնեմ գրիչը՝ Ձեզ պիտի յիշեմ: Միայն գրիչը չէ որ Ձեզ յիշել պիտի տայ: Ձեր իրապէս ընկերական, ազնիւ ու մարդկային վերաբերումը չենք կրնար մոռնալ: Վերջին գիշերը, ողջերթի ճաշը Ձեր հարազատ երդիքին տակ, մեր տպաւորութեան մէջ յիշատակելի օր մը պիտի մնայ: Ձեր ջերմ հիւրընկալութիւնը, արտասանուած սրտաբուխ խօսքերը, փոխադրած անկեղծ բարեմաղթութիւնները ստեղծեցին այնպիսի մթնոլորտ մը, որ մեզ փոխադրեցին Արեւելք, մոռցնել տալով օտարութեան ցրտութիւնը:

Անձնապէս Նորայրը ճանչնալու պատեհութիւնը չէի ունեցած: Բայց առաջին հանդիպումին իսկ ցոյց տուած հարազատութիւնը զգացնել կու տար թէ երկար ատենէ ի վեր ծանօթներ ենք: Ատիկա իր մարդկային ազնիւ հոգի մը կրելուն շնորհիւ է: Մեր այս ճամբորդութեամբ շահուած բարեկամութիւն մը եղաւ Նորայրին հետ ծանօթացումը եւ Իվոնին հետ մեր բարեկամութեան վերահաստատումը, որուն ընտանիքին հետ հինէն կու գայ մեր յարաբերութիւնը:

Սիրելի եւ հարազատ բարեկամներ, Ձեզմէ հեռանալէ ետք աւելի կը զգանք այն ջերմութիւնը որ արտայայտեցիք մեր Լոնտոն կեցութեան ընթացքին: Առա՛նց Ձեզի պէս հարազատներու անկեղծ վերաբերումին, դժուար թէ կարենայինք վերապրիլ այն հարազատութիւնը, զոր ապրեցանք Ձեր սրտազեղ ապրումներու շրջագիծէն ներս: Բարձր կը գնահատենք Ձեր մարդկային եւ ընկերային սրտամօտ յարաբերութիւնները, որոնք մեզ հարստացուցին նոր բարեկամութեամբ: Յուսամ այս բարեկամութիւնը կը շարունակուի: Զիս խորապէս տպաւորեց նաեւ «Սահակեան»ի հանդէպ Ձեր ցուցաբերած բարեկամական վերաբերումը, հետաքրքրութիւնը, որ իր գործնական արտայայտութիւնը գտաւ Ձեր հանգուցեալ մայրերուն՝ Վարդուհիի[cl] եւ Կիւլէնի[cli] անունով տիպար աշակերտուհիներու կրթաթոշակին յատկացումով:

Նիւ Եորքէն այսքա՛ն: Պէյրութ աւելի երկար կը գրեմ:

 

Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններ

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 15 Հոկտեմբեր 1982[clii]

 

Սիրելի Նորայր եւ Իվոն,

Լոնտոն.

Յուսամ ստացած էք Նիւ Եորքէն գրած նամակս: Լոնտոն մեր այցելութենէն կը պահենք լաւ յիշատակներ Ձեզմէ: Արդէն երկու ընտանիքներ մեզի մօտ եղան եւ մեզմով հետաքրքրուեցան, Փիլիկեան եւ Թորիկեան:

Լոնտոնէն կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել «Ռետինկ»էն ետք մեր Ամերիկա շրջապտոյտը փառաւոր անցաւ: Միակ տխուր եղելութիւնը հանդիսացաւ Ազատուհիին քրոջ ամուսնին` Տէր Ղեւոնդ քահանային յանկարծամահ ըլլալը: Մեզի հետ ճամբու ընկեր եղած էին, եւ մինչեւ մեր Նիւ Եորք հասնիլը մեր երկու մանչերուն հոգածուները: Աստուած հոգին լուսաւորէ: Մենք Նիւ Եորք մնացինք երկու շաբաթ: Բաւական ծանօթներու, բարեկամներու եւ կարեւոր դէմքերու հետ տեսակցութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցանք: Պտըտեցանք: Արուեստի եւ մշակոյթի կեդրոններ այցելեցինք: Ազատուհիին քրոջ աղջկան պսակն ալ ընելէ ետք մեկնեցանք Գանատա: Գանատա անձնական հիւրը եղանք Պետրոս Մուշեանի քրոջ աղջկան՝ Մատլէնին, որ այժմ ամուսնացած է Յակոբ Գարլոզեանին հետ: Մոնրէալի մէջ զիրենք մեզի առաջնորդ ունենալով այցելեցինք ազգային եւ կրթական հաստատութիւնները: Լաւ տպաւորուեցանք Մոնրէալէն: Մոնրէալէն Թորոնթօ մեկնեցանք ինքնաշարժով, Ազատուհիին մօրաքրոջ աղջկան՝ Վիքթորենց հետ, որ Թորոնթօ հաստատուած են քանի մը տարիէ ասդին: Թորոնթոյի մէջ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան մեր մասնաճիւղը գինեձօն մը կազմակերպած էր մեզի ի պատիւ: Մօտ հարիւր հոգի հաւաքուած էր: Հոնկէ անցանք Լոս Անճելոս: Շատ քիչ եկաւ Լոս Անճելոս մեր կեցութեան ինն օրերը: Ինն օրերու համար գեղեցիկ յայտագիր կազմուած էր: Եզրափակիչը «Նոր Սերունդ»ի կազմակերպած գինեձօնն էր գիրքերուս ի պատիւ: Յամենայնդէպս, մաղթեցին, որ մեր յաջորդ այցելութիւնը Լոս Անճելոս, այսքան կարճատեւ չըլլայ:

Այս մեծ շրջապտոյտէն ետք ողջ-առողջ հասանք Պէյրութ, մեր օճախը: Մենք եւ ամբողջ Լիբանանը ապահովութեան եւ խաղաղութեան մէջն ենք: Մեծ յոյսեր ունինք, որ ա՛լ այս անգամ վերջնական է: Մեր վերադարձէն ետք, Ձեզ չմոռցանք: Եղբօրդ՝ Փարամազին[cliii] նոր տունը այցելեցինք ցաւակցութեան համար, Անահիտին[cliv] մօրը մահուան համար: Իրենք ալ փոխադարձ այցելութիւնը չուշացուցին: Ձեզ յիշեցինք: Յաջորդ նամակս տնօրէնութեան անունով պիտի ըլլայ: Մինչ այդ, ընդունեցէ՛ք մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:

 

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 3 Օգոստոս 1985[clv]

 

Յարգելի տէր եւ տիկին Նորայր եւ Իվոն Թորիկեան,

Լոնտոն.

Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը հետեւինք Ձեր ծաւալած գաղափարական եւ հայրենասիրական շարժումին: Ընկեր Եղիա Եղիազարեան զեկուցեց Ձեր գործունէութեան եւ ապագայ ծրագիրներու[ն] մասին: Իրապէս բացառիկ գնահատութեան արժանի է ոչինչէն միութենական կեանք ստեղծել, ձեռնարկներ կազմակերպել եւ անոնց տալ գաղափարական եւ հայրենասիրական շունչ: Գիտեմ թէ տէր եւ տիկին Ձեր դերը ինչքան նշանակալից եղաւ այդ շարժումներու ստեղծման մէջ:

Անցնող քանի մը ամիսներու ընթացքին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադրութիւնը շքեղ կերպով, ապա «Սահակեան»ի 60-ամեակի ձեռնարկն ու հանգանակութիւնը եւ, ի լրումն ամենայնի, Քսաններու[clvi] տօնակատարութիւնը այնքան բազմանդամ հասարակութեան մը ներկայութեան՝ իրապէս փառաւոր յաղթանակ մըն էր մեր շրջանակին համար: Հանգանակութեան մարզին մէջ եւս շօշափելի էր արդիւնքը, որուն «Սահակեան»ը որքան պահանջքն ունի:

Ինծի համար յատուկ գոհունակութիւն էր նաեւ Խաչիկ Փիլիկեանին[clvii] հետ հաստատուած գործակցութիւնը Քսաններու տօնակատարութեան առիթով: Խաչիկ Փիլիկեանը լաւ ուժ մըն է, որուն հետ գործակցութենէն մեր շրջանակը կրնայ մեծապէս օգտուիլ: Ես ծանօթ եմ, որ դուք՝ տէր եւ տիկին, Խաչիկին հետ ունեցած Ձեր կապով եւ մտերմութեամբ ի վիճակի էք ընելու: Խաչիկին մօտերս առանձին պիտի գրեմ:

Այս առիթով Ձեր ցանկութեամբ կ’ուզեմ յիշեցնել. Ձեր երկուքին մայրերու յիշատակին արձանագրուած Տիպար աշակերտի հարիւրական սթերլին նպաստները 1984-1985 տարեշրջանի եթէ կարելի ըլլայ ուղարկել՝ գոհ կը մնանք: «Սահակեան»ի 60-ամեակի գրքոյկը ընկ. Եղիազարեանին հետ ղրկած էի: Յուսամ ստացաք:

Ձեր հասարակական եւ անձնական գործերուն մէջ յաջողութեան մաղթանքով,

 

Բարեկամաբար՝

Պ. Սիմոնեան

[ստոր․ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 11 Յունուար 1986[clviii]

 

Յարգելի տէր եւ տիկ․ Նորայր Թորիկեան,

Լոնտոն

Գոհունակութեամբ եւ շնորհակալութեամբ ստացանք 200 անգլիական սթերլինի նուէրը ընկ. Մանուէլ Ադամեանի ձեռամբ:

Անգամ մը եւս գնահատեցինք Ձեր անկեղծ հետաքրքրութիւնն ու նուիրումը «Սահակեան»ի հանդէպ, որ մեր կազմակերպութեան կեդրոնական հաստատութիւնն է եւ կոչուած է քատրեր պատրաստելու մեր շրջանակին: Արդէն սկսած է այդ դերը լաւագոյն կերպով իրագործել: «Սահակեան»ի նոր հունձքէն շրջանաւարտներ գործօն դերակատարութեան մէջ կը գտնուին մեր շրջանակի մշակութային, երիտասարդական կազմակերպութիւններու մէջ:

Ուրախ ենք, որ տարեկան Ձեր նուիրատուութեամբ հեռուէն գնահատողն էք «Սահակեան»ի դերը, Իվոնը որպէս սահակեանցի եւ Նորայրը որպէս գաղափարանուէր ազգային:

Նոր տարուան առիթով ընդունեցէք մեր լաւագոյն մաղթանքները հասարակական, ընտանեկան թէ անձնական կեանքերուն մէջ:

 

Սիրով եւ կարօտով՝

Տնօրէն

Պ․ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

24 Բիւզանդ Թոփալեանին

[Պէյրութ,] 2 Սեպտ. 1961[clix]

 

Յարգելի՛ Պրն. Բիւզանդ Թոփալեան,

Հաճոյքով կը հետեւիմ Ձեր հրատարակած «Անդաստան» տարեգրքին: Մտաւորական սնունդ առթող ձեռնարկ մըն է արդարեւ: Եւրոպական չափանիշի հասցուցած էք մեր ճաշակը ըլլա՛յ հրատարակչական, ըլլա՛յ բովանդակութեան զոյգ տեսակէտներով: Սփիւռքեան անբարենպաստ պայմաններու տակ, Ձերինը որպէս անհատական ձեռնարկ կը մնայ վեր ամէն գնահատանքէ: Ձեր բանաստեղծական վաստակին ծանօթ եմ: Թերթերէն իմացայ վերջերս Ձեր Հայաստան այցելութիւնը: Ուրախալի երեւոյթ է որ Հայրենիքի ղեկավարները կը գիտակցին թէ սփիւռքահայ մտաւորականը արժանի է երբեմն եթէ ոչ նիւթական, գէթ բարոյական գնահատանքի:

Չեմ գիտեր, արդեօք հանդիպա՞ծ էք երբեմն իմ ստորագրութեանս հայ մամուլի մէջ: Բանաստեղծութիւններով իմ աշխատակցութիւնս բերած եմ մասնաւորաբար «Արարատ Գրական» ամսագրին: Գրախօսականներ, գրական ուսումնասիրութիւններ յօդուածի ձեւով լոյս տեսած են լիբանանահայ մամուլի մէջ: 1961-1962 տարեշրջանի համար ծրագրած եմ հրատարակել քերթուածներու հատորս՝ «Զրոյց Կեանքիս Հետ» խորագրին տակ: Ասկէ զատ կը պատրաստեմ թէզ մը ներկայացնելու Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Արեւելագիտական Կաճառի տնօրէնութեան, ուրկէ վկայուած եմ: Թէզիս նիւթն է «Հայ Մշակոյթի Պատմական Նշանակութիւնը»: Բաւական նիւթեր հաւաքած եմ:

Սիրելի՛ Թոփալեան,

Թէզիս մէջ ունիմ գլուխ մը, որ կը շօշափէ Մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան փոխյարաբերութիւնները: Սփիւռքահայ շարք մը ներհուն մտաւորականներու կարծիքը շօշափած եմ այս հարցի[ն] առնչութեամբ: Կը սպասեմ որ դուք ալ համառօտ կերպով տաք Ձեր մտածումները Մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մասին: Շատ գոհ պիտի մնամ եթէ չուշացնէք:

Ես ալ կը խոստանամ աշխատակցիլ Ձեր տարեգրքին որուն գնահատողներէն եմ: Առաջին առիթով կ’ուղարկեմ քերթուած իմ անտիպ քերթողագիրքէս։[clx]

Եթէ գրելու ըլլաք, յայտնեցէ՛ք նաեւ Ձեր կարծիքը ղրկած քերթուածիս մասին:

Սպասելով Ձեր մօտալուտ պատասխանին, կը փակեմ նամակս սիրալիր բարեւներով: Այսուհետեւ մեր ունենալիք թղթակցութիւնը զիս լաւագոյնս կը ճանչցնէ Ձեզի:

 

Պէպօ Սիմոնեան

Պէյրութ

 

Էջի դարձերեսին, վարէն վեր բարձրացող թեքութեամբ նշուած է. «Պատասխան. 21 Սեպտ.», որու տակը հորիզոնական գրուած է առաքողի հասցէն.

Bébo Simonian

Librairie Sami

Kamp Hadjine

Beyrouth (Liban)

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 12 Հոկտ. 1961[clxi]

 

Սիրելի՛ Պրն. Բ. Թոփալեան,

Հաճոյքով ստացայ Ձեր 21 Սեպտ. 1961 թուակիրը: Շնորհակալ եմ Ձեր յայտնած գաղափարներուն եւ արտայայտած զգացումներուն համար: Կը փափաքիք, որ իմ մասիս տեղեկութիւնները ընդլայնեմ: Չեմ գիտեր՝ կը գոհանա՞ք եթէ ըսեմ թէ նախ ուսուցիչ եմ Սահակեան Լիսէի մէջ եւ կ’աւանդեմ հայերէն լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն: Սէն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելագիտութեան կաճառէն վկայուելէ ետք կը հետեւիմ ներկայիս “Ecole Supérieure des Lettres de Beyrouth”-ի ֆրանսական գրականութեան եւ իմաստասիրութեան պատմութեան: Պաշտամունքի հասնող սիրով լեցուած եմ[clxii] մեր մշակոյթին նկատմամբ: Հետաքրքրութեանս մաս կը կազմեն Արուեստները, փիլիսոփայութիւնը եւ մեր մշակոյթի պատմութիւնը: Բաւական լուրջ ծրագիրներ ունիմ, որոնք հետզհետէ կը յայտնեմ Ձեզի: Սփիւռքեան պայմանները յաճախ կը յուսահատեցնեն, սակայն յաւակնոտութիւն թող չըլլայ եթէ ըսեմ թէ արուեստներու հանդէպ ունեցած կիրքս եւ կրակս կը լարեն կամքիս ուժերը, կը գօտեպնդեն եւ լաւատեսութեամբ կը տոգորեն ապագայիս հանդէպ: Դժբախտութիւնը ունեցայ կորսնցնելու 1958-ի եղբայրասպան կռիւներու ընթացքին շատ թանկագին հայրս (45 տարեկան)։[clxiii] Հինգ անդամներէ բաղկացած ընտանիքի մը հոգը կը կրեմ իմ վրաս: Ահա թէ ինչո՛ւ յաճախ յոռետես եւ յուսահատ պահեր կ’ունենամ: Հօրս մահուան առիթով գրած եմ երկարաշունչ քերթուած մը «Անդրշիրիմեան Պատգամ» խորագրով որ առաւելաբար մտածումի եւ խոկումի դաշտն է որ կ’ընդգրկէ: Առիթով մը կ’ուղարկեմ «Անդաստան»ին համար:

Հաւանաբար առաջին նամակը երբ ստացաք, Դուք Ձեզի հարց տուիք, թէ ի՞նչ էր շարժառիթը Ձեզի նամակ գրելուս: Բացատրեմ: Փոքր հասակէս գրականութեան հանդէպ ունեցած սէրս մղած է զիս որ պրպտեմ գրականութեան հետ[clxiv] առնչութիւն ունեցող բոլոր ամսագիրները, պարբերագիրքերը եւ տարեգիրքերը: Մեծապէս շահագրգռուած եմ սփիւռքահայ գրականութեամբ: Առաջին անգամ Ձեր անունին հանդիպած եմ «Անի» ամսագիրներուն մէջ, որը իմ մէջս հետաքրքրութիւն արթնցուցած է: Մեծապէս գնահատած եմ փարիզեան թեւի հայ գրողներու իմացապաշտ հետաքրքրութիւնները եւ յատկութիւնները: Կարդալէ ետք նաեւ Ձեր մէկ քերթողագիրքը՝ «Հրախաղութիւն»,[clxv] կազմած եմ իմ վերջնական կարծիքս Ձեր գրականութեան մասին: Անցեալները երբ երաժշտագէտ Ա. Պատմագրեանի հետ կը զրուցէինք արուեստի եւ գրականութեան մասին, խօսք դարձաւ նաեւ ձեր մասին: Պրն. Պատմագրեանը գնահատելով հանդերձ Ձեր գրական վաստակը, դիտել կու տայ ինծի, թէ զգացումէ աւելի իմացական տարրն է որ գերակշիռ է Բ. Թոփալեանի բանաստեղծութեան մէջ: Բաւական հակաճառեցի իրեն (թէեւ իրեն հանդէպ մեծ յարգանք ունիմ) թէ բանաստեղծութիւնը չէ միայն զգացում, այլ նաեւ գերազանցապէս ապրուած եւ ներաշխարհին բովէն անցած մտածում եւ ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ փիլիսոփայութիւն: Եւ այս է առաւելաբար Ձեր բանաստեղծական արուեստին նորարարութիւնը եւ ինքնատպութիւնը: Դժբախտ իրողութիւն է այսօր որ գրիչ ձեռք առնողը կ’երգէ իր սիրոյ ապրումները, յուսախաբութիւնները՝ արտայայտչական դիւրին ձեւեր որոնելով:

Ուրախ եմ Ձեզի[clxvi] յայտնելու, թէ գտած եմ նաեւ «Անդաստան»ին համար շատ արժէքաւոր աշխատակից մը, որը գլխու պտոյտ առթող հմտութեան տիրացած է արուեստներու պատմութեան, համաշխարհային գրականութեան եւ յատկապէս մասնագիտացած է փիլիսոփայութեան մէջ: Մտերիմ եւ սրտակից բարեկամս է: Խօսեցայ իրեն «Անդաստան»ի մասին եւ ինք խոստացաւ աշխատակցիլ: Բարձր չափանիշով մտածող եւ զգացող միտք մըն է: Յաջորդիւ «Անդաստան»ին համար կը ղրկեմ Ձեզի Շոփենհաուըրի մասին իր ուսումնասիրութիւնը։[clxvii]

«Անդաստան»ի նոր թիւերը տեսած եւ կարդացած եմ. ուրախ եւ շնորհակալ կ’ըլլամ եթէ ուղարկէք «Անդաստան»իամենէն հին թիւերէն:

Չմոռնամ ըսելու թէ «Յառաջ»ի[clxviii] վերջին շաբթուան թիւին մէջ հանդիպեցայ Ձեր մէկ քերթուածին եւ Հայաստանի արուեստագէտներուն հետ լուսանկարուած պատկերին:

Բաւական շատախօսելէ ետք կը փակեմ նամակս՝ սիրալիր բարեւներով: Հաճոյքով պիտի կարդամ եթէ գրելու ըլլաք:

 

Յարգանքներով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 19 Յուլիս 1966[clxix]

 

Սիրելի՛ Պրն. Բիւզանդ Թոփալեան,

խմբագիր «Անդաստան» պարբերաթերթի.

Ցաւալիօրէն չշարունակուեցաւ մեր նամակագրութիւնը, որ վստահ եմ, օգտակար պիտի ըլլար փոխադարձաբար: Այդ չի նշանակեր թէ կապը խզուեցաւ, որովհետեւ ձեր «Անդաստան»ը լաւ միջոց մըն է հաղորդակցութեան, ձեզի եւ ձեր գործին համակրող անձերուն, գրասէրներուն եւ գրողներուն համար, ուրկէ կարելի է հետեւիլ ձեր այդքան ճաշակով եւ ճոխ բովանդակութեամբ խմբագրած «Անդաստան»ին գեղարուեստական, գրական եւ իմացական ճիգերուն եւ շարժումներուն:

1962-ի Սեպտեմբերին, Հայրենիքէն վերադարձի ճամբուն վրայ, խումբ մը ուսուցիչներով հանդիպեցանք ձեր տպարանը, բայց դժբախտաբար ձեզ հոն չգտանք… Մօտ քանի մը ժամ սիրալիր խօսակցութիւններ ունեցանք Պրն. Հրանդ Բալուեանին հետ: Վերադարձիս քանի մը անգամ մտածեցի գրել ձեզի, սակայն դժբախտաբար կարելի չեղաւ… Հիմա որ առիթը ներկայացաւ, հաճոյքով կ’ուզեմ գրել:

Յուսամ ստացաք «Ահեկան» 66-ը Գրիգոր Շահինեանի խմբագրութեամբ: Կը խորհիմ թէ հետաքրքրական եւ լուրջ շարժում մը պիտի թուի ձեզի, յատկապէս իր արդիական եւ համահայկական ոգիով, որ նորութիւն է մեր լիբանանահայ կեանքի խառնիճաղանչին եւ իրերամերժ պայմաններուն մէջ: Վստահ եմ պիտի ուրախաղնէ ձեզ նաեւ այս լուրս. կազմուելու վրայ է Լիբանանահայ Գրողներու Շրջանակը: Առ այժմ պիտի գոհանանք այդ անունով, հեռաւոր նպատակ ունենալով Լիբանանահայ Գրողներու Միութեան կազմութիւնը: Բոլորն ալ խանդավառ են… Փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ առայժմ յատկապէս երէց սերունդի գրողներու մօտ: Կը յուսանք, որ այդպէս ալ կը մնայ ու կը շարունակուի:

Երկու տարի առաջ Մ. Գուշագճեանէն լսեցի թէ նպատակ ունիք այցելութիւն մը տալու մեր գաղութին: Ուրախացուց լուրը… եւ բաւական ժամանակ սպասեցինք… Այնպէս կ’երեւի թէ հրաժարած էք… Լաւ պիտի ըլլայ, որ իրականացնէք ձեր այդ օգտաշատ ճամբորդութիւնը… Վստահ եմ, որ շատ օգտակար պիտի ըլլայ նման այցելութիւն մը: Կրնաք նկատի ունենալ՝ յառաջիկայ աշնան համար: Կը հաւաստիացնեմ Ձեզ, որ ըլլա՛յ գրական գետնի վրայ, ըլլա՛յ նկարչական գետնի վրայ կրնաք յաջողութիւններ ունենալ… Կարելի է նոյնիսկ նկարչական ցուցահանդէս մը կազմակերպել… եւ ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ արուեստի եւ գրականութեան հարցերուն նուիրուած դասախօսութիւններ… Յաճախ Փարիզէն երիտասարդ հայ նկարիչներու այցելութիւնը հաճոյքով կ’ընդունինք: Մտածեցէ՛ք եւ Ձեր մտադրութեան մասին գրեցէ՛ք ինծի:

Սիրելի՛ Պրն. Թոփալեան,

Շատ անկանոն կերպով է որ կը հետեւիմ «Անդաստան»ին: բարեկամներու մօտ է որ կը հանդիպիմ: Կ’ուզեմ գնել, սակայն ցաւով իմացայ թէ այստեղ ո՛չ մէկ օրինակ կը վաճառուի: Կը փափաքիմ որ նման բարձր մակարդակի ձեռնարկ մը աւելի շատ տարածուի հայ իրականութեան մէջ: Որովհետեւ ճաշակ, միտք, գեղեցկութիւն եւ արդիականութիւնը համադրուած են «Անդաստան»ի էջերուն մէջ: Առանց Ձեր համեստութիւնը վիրաւորելու, ըսեմ թէ Գարեգին Լեւոնեանի «Գեղարուեստ»ներէն ետք Հր. Բալուեանի «Զուարթնոց» տարեգիրքերու շարքը եւ Ձեր «Անդաստան»ները ողջունելի իրագործումներ են մեր սփիւռքահայ գեղարուեստական պարբերագիրքերու պատմութեան մէջ: Առայժմ միայն զիս կրնաք[clxx] բաժանորդ արձանագրել եւ ուղարկել հասցէիս վերջին թիւերը: Պիտի ջանամ արուեստի եւ գրականութեան հետաքրքրութիւններ ունեցող բարեկամներուս ալ թելադրել… Արդիւնքին մասին յետոյ կը գրեմ Ձեզի:

Ամառնային արձակուրդէս օգտուելով, կ’աշխատիմ ուսումնասիրութեան մը վրայ որ նուիրուած պիտի ըլլայ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան 1920-1965: Ներկայիս կը պատրաստեմ մատենագիտութիւնը եւ կը կազմեմ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան յատուկ գրադարանը: Պակասաւոր է անշուշտ ունեցած գրադարանս: Գոհ պիտի ըլլամ, եթէ ուղարկիք Ձեր քերթողագիրքերէն: Այլապէս Սէն Ժոզեֆ համալսարանի մատենադարանէն պիտի ջանամ օգտուիլ:

Յուսամ այս անգամ շարունակելի կ’ըլլայ մեր նամակագրութիւնը. մինչ այդ, կը մնամ յարգանքներով եւ սիրով Ձեր գործին եւ անձին համակրող՝

 

Պէպօ Սիմոնեան

 

ՅԳ. «Անդաստան»ները կամ այլ հրատարակութիւններ եթէ ապահովագրուած ղրկելու ըլլաք՝ Պ. Սիմոնեանի փոխան գրեցէ՛ք Պետրոս Գալայճեան, որովհետեւ անձնաթուղթիս մէջ այդպէս արձանագրուած է:

 

Նոյն

 

*          *          *

 

 

  1. 2 Ալեքսանդր Թոփճեանին

 

[Պէյրութ,] 3 Հոկտեմբեր 1985[clxxi]

 

Սիրելի Ալեք,

26 Յունիս թուակիր նամակդ ստացայ 2 Հոկտեմբերին: Հետեւաբար անտարբերութեան մի՛ վերագրէր ուշացումով գրած նամակս: Ինչպէս նամակիս թուակիրը ցոյց կու տայ, յաջորդ օրն անգամ պատասխանեցի նամակիդ: Բայց չեմ գիտեր, թէ քանի՞ ամիս ուշացումով ձեռքդ կրնայ հասնիլ…: Մեր երկրին խանգարուած վիճակին մասին այս կերպով աղօտ պատկերացումը կ’ունենաս: Չըլլալիք բան է, սիրելի Ալեք: Ահա՛ տասը տարին արդէն անցած է եւ մենք կ’ապրինք պատերազմական պայմաններու տակ: Ի՜նչ, ի՜նչ վտանգներու դիմադրելով դպրոց, թերթ, մշակոյթ եւ եկեղեցի կը պահենք: Նամակիդ վերջին տողով արտայայտած ես, թէ Դուք Հայրենիքի[ն] մէջ բոլորովին անտարբեր չէք մեր ապրած կեանքի ծանր պայմաններուն նկատմամբ եւ գիտակից էք մեր կատարած «հրաշալի» գործին իմաստին ու տարողութեան:

Ի՜նչ խօսք, որ նամակդ եւ անոր բովանդակութիւնը անակնկալ էր եւ հաճելի՝ ինծի համար: Որքա՜ն ալ գրաւոր եւ բանաւոր հաղորդակցութենէն հեռու մնացած ենք, բայց չեմ դադրած քու գրական քայլերուդ հետեւելէ: Վստահ եմ դուն ալ՝ իմ: Ապացոյց՝ նամակդ, որուն շարժառիթը եղած է «Արարատ»ի մէկ համարին ներքին բովանդակութիւնը Ռուբէն Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիրած ըլլալուս առիթը: Շնորհակալ եմ գնահատական տողերուդ համար: Գոհունակութեամբ տեղեկացայ նաեւ նամակէդ, որ նուիրուած ես Ռուբէն Սեւակի երկերու ուսումնասիրութեան եւ ամբողջական գործերու հրատարակութեան: Կ’արժէ Ռուբէն Սեւակով աւելի լրջօրէն հետաքրրքուիլ եւ ուսումնասիրել, որովհետեւ միւս մեծերը՝ Վարուժան, Սիամանթօ շուքի մէջ ձգած են, որոշ չափով, Ռուբէն Սեւակը: Յուսամ չես մոռնար այդքան հարուստ ծանօթագրութիւններով, հարիւր անտիպներով եւ գրականագիտական լուրջ յառաջաբանով խմբագրած հատորէդ[clxxii] ինծի ուղարկելու: Թէեւ կը կասկածիմ, որովհետեւ երկար ատենէ ի վեր Հայաստանէն գիրք չենք ստանար: Ո՛չ Հայաստանի մեր գրող բարեկամները եւ ո՛չ ալ Կոմիտէութիւնը[clxxiii] Պէյրութի իրենց տառապող հայրենակիցները կ’ուրախացնեն եւ կը յիշեն գէթ գիրքերով:

Ռուբէն Սեւակի մասին խմբագրած «Արարատ»ի երկու էջերուս մէջ ակնարկած էի Ռուբէն Սեւակի եւ իր կնոջ (Եաննիի) միջեւ փոխանակուած նամակներու հրատարակութեան: Ինչպէս արեւմտահայ այլ գրողներու նամակները հրատարակուեցան, Ռուբէն Սեւակի նամականիի հրատարակութիւնը մեծապէս պիտի օգնէ Ռուբէն Սեւակը ճանչնալու իր մտերիմ պահերուն ընդմէջէն: Ես շատ կը սիրեմ մեծերու նամակները կարդալ: Հաճոյքով պիտի կարդամ խոստացած եւ գուցէ արդէն ձեռնարկած գիրքերդ եւ եթէ ողջ մնամ՝ անպայման կ’անդրադառնամ անոնց կարեւորութեան եւ արժէքին: Տարակոյս չունիմ, որ արժէքաւոր գործեր պիտի ըլլան անոնք, որուն ապացոյցը տուած ես ցարդ ստորագրած քննադատական եւ գրականագիտական ուսումնասիրութիւններովդ եւ «Բառի սահմանները» հատորովդ որը մեծ բաւարարուածութեամբ կարդացած եմ: Գրական ճաշակդ «մօտերն» գրականութեան հետ է, գիտե՛մ: Վիճելի կէտեր եւ հարցեր կրնան ընդգրկած ըլլալ անոնք, բայց քեզ նկատած եմ Հայաստանի այն երիտասարդ քննադատներէն, որոնց մօտեցումը գրականութեան՝ ինքնուրոյն է:

Ի՛նչ կը վերաբերի Ռուբէն Սեւակի մասին խմբագրած էջերուս մէջ տպուած «Նամակ» բանաստեղծութեան, առնուած է Երեւան տպուած Ռուբէն Սեւակ «Երկեր» հատորէն (էջ 49):[clxxiv]

Ինչ կը վերաբերի «Նայիրի» շաբաթաթերթէն արտատպուած նամակին, կրնամ հետեւեալը ըսել: Դժբախտաբար լման շաբաթաթերթը չեմ պահած, այլ միայն էջը, որուն վրայ թիւը չի գտնուիր: Ռուբէն Սեւակի նամակը անթուակիր է: «Նայիրի» շաբաթաթերթի նոյն թիւին մէջ «Սիրային անտիպ նամակներ» խորագրուած չորս նամակներ տպուած են:

Կարօ Գէորգեանի[clxxv] «Տարեգիրքերու» նշուած տարեթիւերու հատորները տրամադրութեանս տակ չունիմ ստուգելու համար Ռուբէն Սեւակէն տպուած երեք անտիպներու պարագան: Եթէ մեր երկրին պայմանները բարելաւուին եւ հաղորդակցութեան միջոցներ ստեղծուին, Հայկազեան Գոլէճի հայագիտական գրադարանէն կամ անոր վարիչ Ժիրայր Դանիէլեանէն[clxxvi] կրնամ ստուգել եւ գոհացնել քեզ, այդ կերպով դոյզն նպաստս բերելու համար Ռուբէն Սեւակի ամբողջական գործերու գիտական հրատարակութեան:

Հիմա գանք ուրիշ նորութեան մը: Նիս կ’ապրի Ռուբէն Սեւակի հօրեղբօրորդին՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեանը:[clxxvii] «Արարատ»ի աշխատակից է եւ կարգ մը յօդուածներ ստորագրեց Ռուբէն Սեւակի մասին: Եթէ հետաքրքրուած ես՝ հասցէն եւ իր գրած յօդուածները կ’ուղարկեմ քեզի: Յովհաննէս Չիլինկիրեանը Ռուբէն Սեւակի վերաբերեալ կարգ մը լուսանկարներ ալ ուղարկած էր մեզի: Եթէ օգտակար կը նկատես՝ քեզի կ’ուղարկեմ: Ահա՛ լուսանկարներու ցանկը: «Ռուբէն Սեւակ, Լոզան, 1910», «Եաննի Սեւակ, Լոզան, 1903», «Ռուբէն Սեւակ, Լոզան, 1908», «Ռուբէն Սեւակ շրջանաւարտ Ռ. Պէրպէրեան[է], 1905», «Ռուբէն Սեւակի զաւակները՝ Լեւոն Սեւակ, Շամիրամ Սեւակ իրենց մօր՝ Եաննի Սեւակին հետ»: Կան նաեւ Ռուբէն Սեւակէն գծանկարներ՝ Պեթհովէն, գծուած Պէրպէրեան վարժարանի մէջ՝ 1904, Հիւկօ, գծուած Պէրպէրեան վարժարանի մէջ՝ 1904:

Ռուբէն Սեւակէն անկախաբար: Ես ընդունուած եմ հեռակայ կարգով բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուական թէզ պաշտպանելու, Երեւան: Երկու տարի առաջ երբ Եդուարդ Ջրբաշեանին նախասիրած նիւթս յայտնեցի, ըսաւ թէ նոյն նիւթը դուն ալ ընտրած ես: Իմ նիւթս պիտի ըլլայ պոլսահայ բանաստեղծութեան նոր դպրոցը: Այս հարցով երբ Երեւան գամ, անպայման այս մասին ալ խորհրդակցելիք նիւթեր կան:

Ուրախ եմ, որ Ռուբէն Սեւակը մեզ հաղորդակցութեան մէջ դրաւ: Յուսամ կը շարունակուի եւ մենք գործակցութիւն կը ստեղծենք:

Հաճոյքով եւ սիրով պիտի պատասխանեմ, եթէ գրես:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Ստեփան Թոփճեանին

 

[Պէյրութ,] 6 Օգոստոս 1984[clxxviii]

 

Յարգելի ընկեր Ստեփան Թոփճեան,[clxxix]

Վարիչ՝ Հայ դասական գրականութեան խմբագրութեան,

Երեւան.

Սիրելի Ստեփան,

Իր օրին ստացած եմ Ձեր կողմէ ստորագրուած երկտողը եւ բանաստեղծութիւններու ժողովածուիս պայմանագրի[ն] պատճէնը: Շատ չանցած ստացայ նաեւ «Սով. գրող» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Ռ. Յովսէփեանի[clxxx] երկտողը, որուն մէջ կը յայտնէր թէ Մոսկուա ղրկուած է՝ Կեդրոնական ՎԱՊ-ին:[clxxxi] Յայտնեմ, որ ստացայ եւ գանձեցի հեղինակի իրաւունքս:

Բայց անկէ անկախաբար կ’ուզեմ անդրադառնալ ուրիշ հարցերու: Օրինակ յիշելու թէ բարեկամներ եղած ենք հօրդ[clxxxii] հետ: Արտասահման այցելութեան օրերուն, Պէյրութ:[clxxxiii] Եղբօրդ՝ Ալեքին հետ եւս հինէն ծանօթներ ենք: Մօրդ իր Պէյրութ այցելութեան առիթով ծանօթացած էի: Միայն դուն կը մնայիր: Քեզի ալ ծանօթ էի կարգ մը գիրքերուդ միջոցաւ: Լաւ տպաւորուած էի գիրքերէդ՝ հաստատելով մէջդ գեղագէտ քննադատը: Արեւմտահայ գրականութեան հանդէպ ցոյց տուած հետաքրքրութիւնդ եւս աննկատ չէի թողուցած: Անցեալ ամառ Երեւան գտնուած օրերուս ճիգով մը ձեռք անցուցի «Անհունին Անդրադարձը» քննադատական յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու հատորդ: Վերադարձիս կարդացի: Գոհ մնացի: Մասնաւորաբար Ինտրային[clxxxiv] եւ Օշականին[clxxxv] նուիրուած էջերուն համար կը գնահատեմ: Առաջին հերթին շաբաթական խմբագրած «Արարատ»ի մշակութային էջին մէջ արձագանգեցի, վերջի յետաձգելով գիրքի[ն] մասին գրելիք յօդուածս: Հետաքրքիր շատ հարցեր գտայ հոն: Մասնաւորաբար Ինտրայի առնչութեանբ: Սոյն նամակիս հետ կը յղեմ քեզի գիրքիդ մասին առաջին արձագանգը: Երբ առանձին յօդուածով անդրադառնամ՝ այդ եւս կ’ուղարկեմ: Ուրախ եմ, որ այս ձեւով բարեկամական առաջին կապը հաստատուեցաւ: Եթէ մտադիր ըլլաս շարունակելու, կը զարգանայ այդ կապը: Յաջորդ Երեւան այցելութեանս կը փնտռեմ քեզ…:

Առ այժմ այսքան:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Գրիգոր Խոտանեանին

 

[Պէյրութ,] 6 Մայիս 1985[clxxxvi]

 

Սիրելի ընկեր Գրիգոր Խոտանեան,[clxxxvii]

Լոս Անճելոս.

Խոստումդ յարգեցիր: Կը ստանամ «Մասիս»ը: «Սահակեան»ի գրադարանին համար սկսայ պահել. մէկ անպատեհութեամբ, որ ղրկուած թիւէն սկսայ պահել: Ղրկուած թիւերուն մէջ բովանդակութեան հաւասարակշռութիւն մը արդէն նկատելի էր: Կ’ողջունեմ նաեւ խմբագրական կազմը: Միայն իմ կողմէս յիշեցուր խմբագրական կազմի անդամներուն, որ իրենց ստորագրութեամբ երեւան «Մասիս»ի էջերուն:

Ղրկուած թիւերուն մէջ մասնաւորաբար գնահատեցի Ալեք Մանուկեանին[clxxxviii] հետ մեր շրջանակին հանդիպումը: «Արարատ»ը իսկոյն արտատպեց: Ինչ որ կրնայի թղթակցութենէն կռահել՝ դրական էր: Միայն ոչինչ գտայ Ալիսիա Կիրակոսեանի[clxxxix] գրական գործունէութեան 35-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան մասին: Կը թուի թէ ամբողջական վերապահութիւն պահած է: Ալիսիան վերջերս ինծի նամակով մը յայտնած էր, որ կ’ուզէ Լիբանան ալ այցելել: Պատասխանեցի ըսելով, որ գալու պարագային «Սահակեան»ի մէջ յարգանքի հանդիպում մը կրնամ կազմակերպել: Չպատասխանեց:

Կեդրոնական Մարմնին եւ Քաթիային[cxc] ղրկած նամակներդ յանձնեցի:

Այս նամակս գնահատանքի մը արտայայտութիւնն է: Խոստումդ յարգած ըլլալու: Կ’ուզեմ, որ շարունակուի: Այսինքն՝ ըսել կ’ուզեմ թէ եթէ գրես՝ սիրով կը պատասխանեմ: Տպաւորութիւններս միշտ ալ լաւ եղած են քեզմէ:

Փառաւոր հանդիսութեամբ մը նշեցինք «Սահակեան»ի 60-ամեակը: «Արարատ»ի թղթակցութիւնը եթէ հասնի՝ ամբողջական պատկերացումը կրնաս ունենալ: Մեր շրջանակին համար յաղթանակ մը եղաւ: Ամբողջ գաղութը խօսեցաւ այդ մասին: Ձեր ողջոյնի գիրը ուշ հասաւ: Գրքոյկին մէջ կարելի չեղաւ տպել, ուրիշ, ուշ հասած ողջոյնի գիրերուն հետ տպուեցաւ «Արարատ»ի մէջ:

Հակառակ Լիբանանի կացութիւնը վատթարանալուն, Եղեռնի 70-ամեակը նշուեցաւ մեծ շուքով: Ձեռնարկները կը շարունակուին:

Տասը օրէ ասդին կացութիւնը ծանրացաւ: Գրեթէ ոչ մէկ անցք կայ արեւելեան Պէյրութը արեւմտեանին կապող: Լիբանանցիներու դէմքէն կրկին սկսաւ մտահոգութիւնը վազել: Ի՞նչ պիտի ըլլանք, ո՞ւր պիտի հասնինք:

Բայց ես հաստատակամ կը մնամ կառչած Լիբանանին: Լիբանանին կառչածութեանս ապացոյցը կը կազմէ այն վերջացուցած գիրքս, որ նուիրուած է Լիբանանին, «Մայրիներու Կանչը» խորագրուած:[cxci] Կը սպասէ հրատարակութեան…: Տեսնենք ե՞րբ…:

Անձնական մեր կեանքը հաւաքականին հետ խառնած կ’ապրինք…:

Սպասելով քու շուտափոյթ լուրերուդ՝

 

Մնամ սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 2 Սեպտեմբեր 1985[cxcii]

 

Սիրելի ընկեր Գրիգոր Խոտանեան,

Լոս Անճելոս.

Յուսամ նամակս ստացած ես: Նամակատան միջոցաւ եւ ապահովագրուած ղրկած էի: Շողիկին[cxciii] վերադարձէն օգտուելով, կը գրեմ այս նամակը շնորհաւորելու համար ամուսնութիւնդ, կեանքի ամենէն կարեւոր հանգրուանը նշող իրադարձութեան առիթով: Գիտեմ թէ այս օրերուն անոր նախապատրաստութեան մէջ կը գտնուիս: Կը չարչարուիս հիմա, որ յետոյ խաղաղութիւնդ գտնես: Նախաամուսնական կեանքը ճիշդ է թէ իր ազատութիւնները ունի, բայց անհանգրուան թափառում մըն է կեանքի փողոցներուն մէջ: Ամուսնութեան շղթան, որ պիտի կապուի վզիդ, քաղցր լուծի կը վերածուի եթէ ամուսնութիւնը հաստատուի ճշմարիտ սիրոյ եւ հասկացողութեան վրայ: Տարակոյս չունիմ քու եւ Քաթիային կնքելիք ամուսնութեան նկատմամբ: Գիտակից, պատրաստուած զոյգի ամուսնութեամբ պիտի յատկանշուի ձերը:

Ձեր պարագային, ամուսնութիւնը արգելք պիտի չըլլայ հասարակական կեանքին ձեր նպաստը բերելու: Նոյն շրջանակէն ըլլալու հանգամանքը պիտի օգնէ, որ քաջալերէք զիրար եւ իրարմով գօտեպնդուիք: Չապրիք միայն Ձեր անձին համար: Ամերիկեան քաղաքականութեան ներկայ ոճը մարդը կ’առաջնորդէ յանձնապաստան կեանքի մը: Արեւելքէն Ամերիկա հաստատուողներդ որոշ ժամանակ մը Արեւելքէն տարած ձեր ջերմութեամբ պիտի պատուաստէք ամերիկեան քաղաքակրթութեան ոճը ի նպաստ հայկականութեան եւ նաեւ մարդկայնութեան:

Ես եւ Ազատուհին եւ մեր զաւակները՝ Տիգրանն ու Ռազմիկը ի սրտէ կը շնորհաւորենք Ձեր ամուսնութիւնը: Կը մաղթենք երջանիկ բոյն: Սպասելով որ երջանկութեան այդ բոյնէն շատ շուտով լսուին առաջին ճիչին ճռուողիւնները…:

Գիտեմ, սիրելի Գօգօ, որ շատ ժամանակ չունիս նամակ կարդալու: Զբաղուած ես ուրիշ բաներով: Ճակատագրական եւ վճռական նշանակութիւն ունեցող բաներով: Անոր համար ալ կա՛րճ կը կապեմ նամակս:

 

Սիրով, ընկերաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 24 Դեկտեմբեր 1985[cxciv]

 

Սիրելի ընկեր Գրիգոր Խոտանեան,

Լոս Անճելոս.

Ստացայ նամակդ եւ գնահատեցի բովանդակութիւնը: Սխալ գտայ ինքզինքիդ մասին ըրած գնահատութիւնդ, ինչ որ կը վերաբերի նամակագրութեան: Շատ լաւ գրուած էր եւ՝ գոհացուցիչ: Տպաւորուելով յատկապէս գաղափարական ոգիէն, անգամ մը եւս հաստատեցի, որ Ամերիկան ոչինչ փոխած է մէջդ կազմաւորուած հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ երիտասարդի նկարագրէդ: Ինծի ուրախութիւն կը պատճառէ ատիկա:

Մարդկային հեռաւորութիւնները կարճցնող հաղորդակցութեան միջոց է նամակագրութիւնը: Հարազատութիւնը տաք պահող կենդանի կապ ըլլալէ բացի: Ուստի, որքան ալ զբաղումները շատ ըլլան, պէտք է ժամանակ գտնել նամակագրութեան համար: Հետեւաբար պիտի թելադրեմ, որ չանտեսես այս պարագան եւ, պարբերաբար, գրած նամակներուս արձագանգես:

Ինչ կը վերաբերի նամակիդ մէջ արծարծած հարցերուդ, իրաւացի են անոնք: Մօտ է գարունը: Որոշուած է ընդհանուր համագումարը կայացնել 1986-ի ամառը, այնպիսի վայրի մէջ, որ Լիբանանի քաղաքական անպատեհութիւնները չունենայ եւ բոլոր շրջանները ի վիճակի ըլլան մասնակցելու: Մօտերս Կեդրոնական Վարչութիւնը պաշտօնապէս կը հաղորդէ շրջանիդ իր որոշումները: Անկէ ետք կը մնայ, որ համախոհ ընկերները լրջօրէն մտածեն մասնակցութեան մասին, կազմակերպելով լաւագոյն կերպով…:

Նոր ընտրութեամբ հրապարակուած ցանկը, որուն կ’անդամակցին համախոհ ընկերներ քեզի եւ ընկեր Գաբրիէլ Մոլոյեանի պէս, մեզ լաւատեսութեամբ կը համակէ շրջանիդ նկատմամբ:

Նոր տարուան սեմին կը գտնուինք: Հին տարին պատմութեան կ’անցնի շուտով: Հին տարուան լաւագոյն բանը, որ պատահեցաւ կեանքիդ մէջ՝ ամուսնութիւնդ է: Գիտեմ թէ տակաւին մեղրալուսնային օրեր են քեզի համար: Տարիներն են որ պիտի կապեն ամուսնական կեանքին հիմնաքարերը: Իւրաքանչիւր տարին նոր փորձառութիւն մը պիտի բերէ: Այդ փորձառութեան մէջ պիտի կազմուի նաեւ Ձեր ընտանեկան նկարագիրը, որ որքան ամուր ըլլայ ձեր երկուքին միասնական փորձառութեամբ եւ զօրութեամբ, այնքան քիչ կ’ազդուի արտաքին ազդակներէ: Ընտանեկան կեանքի նկարագրի ամրութեան վրայ խորապէս ազդող գործօն է զաւակը: Յուսամ չ’ուշանար առաջին զաւկին ճիչը, որ մեզ եւս պիտի ուրախացնէ:

Նոր տարին խաղաղութիւն բերէ ամբողջ աշխարհին, մանաւանդ Լիբանանին: Սփիւռքի հայութեան մայրաքաղաքին: Անով է, որ հայկական սփիւռքը պիտի զօրացնէ իր գոյատեւման կռուանները:

Քաթիան յուսամ արդէն ընտելացաւ նոր կեանքին: Հոս կը զգանք իր բացակայութիւնը:

Ընդունեցէ՛ք մեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն կողմէ,– Ազատին, Տիգրանին եւ Ռազմիկին,– ինչպէս նաեւ տոքթ. Գրիգորին Նոր տարուան լաւագոյն բարեմաղթութիւնները, առողջ ըլլաք, ուրախ ըլլաք, երջանիկ ըլլաք: Ամէն:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. Ալիսիա Կիրակոսեանին

 

[Նիւ Եորք,] 9 Օգոստոս 1982[cxcv]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

Ես ընտանիքովս Նիւ Եորք կը գտնուիմ: Սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթը Լոս Անճելոս պիտի այցելեմ: Կը փափաքիմ հանդիպիլ քեզի: Տիկինս ալ, որ համալսարանի դասախօս մտաւորականուհի է, կը փափաքի ծանօթանալ քեզի: Նիւ Եորք, ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթին մէջ կարդացի քու այցելութեանդ մասին:

Անցեալ Ապրիլին, երկտողով մը ինծի յղած էիր հայերէնով գրած եւ Վեհափառ Վազգէն կաթողիկոսին նուիրած «Էջմիածին» քերթուածդ: Սիրեցի քերթուածդ: Գնահատեցի հայերէնով գրելդ եւ զայն խմբագրական նօթով մը տպեցի «Արարատ»ի մշակութային էջին մէջ: Նամակով մը ղրկեցի քեզի: Ստացած ըլլալուդ մասին տեղեակ չմնացի: Թիւէն օրինակ մըն ալ Վեհափառ հայրապետին ղրկեցի: Մեր Լոս Անճելոս մնալիք հասցէն եւ հեռաձայնը հետեւեալն է.

Armenag, Mary Hekimian

2247 Buera Vista

Burbank, Cal.

91504

Հեռաձայն՝ 846-5118:

Շատ ուրախ պիտի ըլլամ եթէ ճիգ մը ընես հետս կապուելու: Մեր Երեւանի մէջ հաստատած ծանօթութիւնը եւ բարեկամութիւնը վերահաստատելու առիթ մը պիտի ըլլայ:

Յուսալով Լոս Անճելոս տեսնուիլ քեզի հետ, մնամ յարգանքներով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 1 Հոկտեմբեր 1982[cxcvi]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

Լոս Անճելոս.

Լոս Անճելոսի մեր այցելութեան տպաւորութիւններու պատկերը ամբողջական պիտի չըլլար առանց Ալիսիային հետ հանդիպման, իր հիասքանչ բնակարանին մէջ:

Սիրելի Ալիսիա, որքան սրտագրաւ էր սեփական միջոցներովդ կառուցել տուած տանդ մասին տուած բացատրութիւններդ, ապրած հրճուանքդ անոր ամէն մէկ անկեան մէջ ցոլացող հայկական յաւերժութեան դրոշմին համար: Հրճուանքովդ համակեցիր նաեւ տիկինս եւ զիս: Չեմ գիտեր քանի՞ տարուան կեանք ունի տունդ: Կ’երեւի մոռցած եմ հարցնելու: Որովհետեւ, տունը իր մթնոլորտով, կը հաւատամ որ կը ներգործէ ստեղծագործական տրամադրութիւններու վրայ: Կը մաղթեմ, որ այդ տունէն Ալիսիայի տաղանդով դուրս գան նոր ստեղծագործութիւններ արդի բանաստեղծութիւնը հարստացնող եւ խորացնող: Անկեղծ ցանկութիւն մըն է այս, որ կը բխի բոլոր անոնց սրտէն, որոնք, Հայրենիքէն ներս թէ դուրս, հիացողներն են բանաստեղծական տաղանդիդ: Անկէ դուրս մանրուքներուն եւ փոքրութիւններուն շատ ալ կարեւորութիւն մի՛ տար, մի՛ զբաղիր: Մեղք է ժամանակիդ եւ տրամադրութիւններուդ: Այն միջազգային կապերը, որ ունիս սպանախօս աշխարհին հետ, որպէս սպանագիր եւ Ամերիկայի Սպանախօս Գրողներու Միութեան նախագահուհի, օգտագործէ նաեւ հայանպաստ գործունէութեան: Հայութեան շահերը եւ Հայկական Դատը պահանջքը կը զգացնեն այդ առաքելութեան: Որքա՜ն ուրախացայ եւ որքա՜ն հպարտ զգացի, որ բանաստեղծութեան միջազգային համագումարին, որպէս հայ հրաւիրուած ես եւ նախագահուհին ես Ամերիկայի Սպանագիր Գրողներու Միութեան: Քու նպաստդ ժողովուրդիդ՝ այդ մակարդակով կրնայ ըլլալ: Այս տեսակէտով ինչ դրական նախաձեռնութիւն էր «Լա պոմպա» գիրքի հեղինակ Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարանի[cxcvii] Լոս Անճելոս այցելութեան հրաւէրդ եւ տանդ մէջ հիւրընկալութիւնդ:

Որքա՜ն հետաքրքիր եմ Կուռիարանի այցելութեան հետ կապուած մանրամասնութիւնները իմանալու…: Ի՞նչ ելոյթներ ունեցաւ: Ի՞նչ ձեռնարկներ կազմակերպուեցան: Ի՞նչ ընդունելութիւն վերապահուեցաւ իրեն հայութեան կողմէ: Գոհ վերադարձա՞ւ: Ուրկէ՞ կրնամ իմանալ:

Այն քանի մը ժամերը, որ անցուցինք միատեղ կէսօրուան ճաշի սեղանին շուրջ եւ ապա աշխատանքի գրասենեակէդ ներս, մեր լաւագոյն յիշատակներուն մաս կազմեց: Յետոյ գինեձօնին ներկայութիւնդ յարգանքի արտայայտութիւն կը նկատեմ: Գրէ՛ մեզի:

 

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 10 Մայիս 1983[cxcviii]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

Լոս Անճելոս.

Լիբանանը նոր ռմբակոծումներու տակ էր, երբ ստացայ 26 Ապրիլ թուակիր նամակդ: Օգտուելով դպրոցական պարտադիր արձակուրդէն, անմիջապէս կը պատասխանեմ: Ստացած օրս իսկ: Երկիրը առայժմ կը գտնուի անորոշ քաղաքական կացութեան մէջ: Ըսկ երեւոյթին՝ վերջին հանգրուանը: Բայց մինչեւ վերջին հանգրուանը ի՜նչ վիճակներէ կ’անցնինք, Աստուած գիտէ: Վերջին երկու օրերուն դարձեալ կոյր ռմբակոծումներու ենթակայ մնացինք: Ամենէն ահաւորը եւ անմարդկայինը լիբանանեան պատերազմի ոճին մէջ, այս է: Նոյնիսկ չի խնայուիր դպրոցներուն եւ մանուկներուն: 5 Մայիսին, անգամ մը եւս, դպրոցները իրենց աշակերտները ահուդողի մէջ, խուճապի մատնուած, տուն ճամբեցին:

Նամակիս մուտքը լաւ չսկսայ: Յոռետեսական եղաւ: Ի՞նչ ընեմ, երկրին պայմաններուն պարտադրանքն է:

Նամակդ որքան անակնկալ, նոյնքան ուրախ լուր մը կը պարունակէր: Հոկտեմբերի կէսին Լիբանան այցելութեանդ լուրը իրապէս սքանչելի է: Միայն անբաւարար էր հաղորդած լուրդ: Անմիջապէս կ’ուզեմ իմանալ: Մասնաւոր հրաւէրո՞վ, թէ՞ անձնական նախաձեռնութեամբ պիտի գաս Լիբանան: Ի՞նչ է նախատեսուած յայտագիրը: Միայն բանաստեղծութիւններդ կարդալո՞ւ համար, թէ՞ ուրիշ կարգի հանդիպումներ ու ձեռնարկներ ալ պիտի կազմակերպուին: Որքա՞ն պիտի տեւեն այցելութեանդ օրերը: Անկեղծօրէն կ’ըսեմ այս հարցումները, որպէսզի մօտէն կարենամ քայլ պահել յայտագրիդ հետ: Ուրախ պիտի ըլլամ եթէ անմիջապէս գոհացում տաս հարցումներուս, նոր նամակով մը: Գիտնալով, որ հայերէն նամակագրութեան մէջ արագ չես: Բայց այս պարագային կարեւոր է, քանի ես ալ կ’ուզեմ նախապատրաստուիլ: Նախապատրաստութեանս մաս չի կազմեր բնականաբար, խնդալու համար կ’ըսեմ պարզապէս, քեզ տանս մէջ հիւրընկալելու մտահոգութիւնը, որովհետեւ, քու պալատիդ հետ բաղդատած, իմս խրճիթ մըն է:

Կատակը մէկդի, կ’ուզեմ գիտնալ գալու ճիշդ թուականդ: Օրը: Ժամը: Յայտագրէն տեղեակ մնալս կ’օգնէ, որ հայ գրողներով յայտագիր մը կազմենք: Ազատուհին ջերմօրէն կը բարեւէ: Անհամբեր սպասողն ենք:[cxcix]

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 31 Մայիս 1983[cc]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

Առանց նամակիս պատասխանը սպասելու, Լոս Անճելոս եկող բարեկամի մը ազնուութենէն օգտուելով, կը գրեմ այս երկտողը: Նամակս ծրարող պահարանին մէջ կը գտնես այն «Արարատ»ի օրինակը, ուր տպուած է Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարանի հետ հանդիպմանդ նկարագրութիւնը: «Արարատ»ի ընթերցողները շատ գոհ մնացին: Ձեր վերջին հանդիպումներէն տեղեակ չմնացինք: Խիստ շահեկան են անոնք: Բազմազբաղ վիճակդ նկատի ունենալով, չեմ համարձակիր ըսել, թէ նոր հանդիպումներուդ մասին ալ գրէ:

Ես կը սպասեմ Հոկտեմբերին Պէյրութ տալիք այցելութեանդ մանրամասնութիւնները: Կը թելադրեմ, որ անոր համար ժամանակ գտնես եւ գրես: Կարեւոր է նախապատրաստութեան համար: Ես իմ ծրագրածս ըսեմ քեզի այժմէն: Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի սրահին մէջ կ’ուզեմ կազմակերպել քեզի նուիրուած ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ես հանդէս պիտի գամ բանաստեղծական վաստակիդ նուիրուած դասախօսութեամբ մը, ասմունքի ընկերակցութեամբ, գաղութի ասմունքող ուժերով: Յետոյ դուն կ’ասմունքես կամ կը խօսիս: Հանդիպումը կը վերջանայ ընդունելութեամբ մը: Իմ գրաւած մէկ օրս այս կրնայ ըլլալ: Բայց տունին հաշիւը շուկան կը հերքէ յաճախ…: Ասոր համար ալ քեզմէ լուրեր կը սպասեմ: Պէտք է այժմէն ձեռնարկեմ պատրաստութեան:

Այս ամառ, Օգոստոսին, մէկ ամիսով պիտի ըլլամ Երեւան, տնօրէններու պատուիրակութեամբ: Հոկտեմբերի համար ալ հրաւէր ունիմ գրողներու յատուկ սեմինարի մը համար: Բայց երկրորդը չյարմարիր իմ յայտագրիս: Յետոյ նաեւ քու այցելութեանդ հարցը կայ: Եթէ քեզմէ այցելութեանդ մասին նոր լուրեր չառնեմ, անտեսում պիտի թարգմանեմ:

Սպասելով բարի լուրերուդ,

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 19 Յուլիս 1983[cci]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

7 Յուլիս թուակիր նամակդ ուրախութեամբ ստացայ: Ուրախացայ նաեւ, որ Հոկտեմբերի կէսին տեղի ունենալիք սփիւռքահայ գրողներու սեմինարին հրաւիրուած ես: Ես նախորդ մէկուն մէջ յայտնած էի թէ ամառը տնօրէններու պատուիրակութեամբ մը պիտի այցելեմ Հայաստան, հակառակ անոր որ Հոկտեմբերի համար եւս հրաւէր ունիմ: Օգոստոս 3-ին ճամբայ կ’ելլեմ:

Ինչ կը վերաբերի քու Լիբանան այցելութեանդ, ինչքան որ հասկցայ խիտ տողերէդ, անձնական բնոյթով պիտի ըլլայ եւ ոչ պաշտօնական: Հայաստանէն ետք քանի մը օրով կ’երեւի Պէյրութ պիտի անցնիս: Յամենայնդէպս, մանրամասնութիւնները կրնաս հաղորդել զարմուհիիս՝ Շողիկ Փոլատեանին, որ մօտ երկու ամիս ձեր քաղաքը պիտի գտնուի:

Ես հետաքրքրուեցայ նաեւ քու վիզայի հարցովդ: Եթէ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ստացած ես, ոչ մէկ դժուարութիւն կայ, այլապէս պիտի ղրկես մօրդ անունը եւ փասբորիդ ֆոթոքոբին: Այլ մանրամասնութիւններու հետ կրնաս Շողիկին հետ ղրկել:

Սպասելով քու այցելութիւնդ, ընդունէ՛ իմ, տիկնոջս եւ երկու մանչերուս ջերմագին բարեւները եւ կարօտալի համբոյրները:

Քիչ մնաց պիտի մոռնայի: Վերջերս, Վահագն Դաւթեանի 60-ամեակին առիթով «Արարատ»ի մէջ էջ մը նուիրեցի: Այդ առիթով՝ գրած յօդուածիս մէջ յիշած էի նաեւ քեզ, հետեւեալ ձեւով. Վահագն Դաւթեան բազմաթիւ բանաստեղծներէ կատարած է թարգմանութիւններ, բայց իր թարգմանութիւններուն գլուխ գործոցը կը մնայ Ալիսիա Կիրակոսեանին հայացումը:

 

Սիրով՝

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 7 Յուլիս 1984[ccii]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

Լոս Անճելոս.

Դարձեալ Շողիկին հետ կ’ուղարկեմ նամակս: Տարի մը առաջ այս օրերուն գնաց Լոս Անճելոս եւ հոն ամուսնանալով՝ մնաց…: Երեք ամիսներ առաջ եկած էր եղբօրը ամուսնութեան առիթով ու հիմա կը վերադառնայ: Իր վերադառնալու առիթէն օգտուելով, կը գրեմ այս նամակը: Բարեւ մը տալու: Որպիսութիւնդ հարցնելու: Գիտեմ թէ շատ զբաղուած առօրեայ մը ունիս: Մասնաւորաբար միջազգային կապերդ, այցելութիւններդ որքան հարստացնող, նոյնքան վատնող ու սպառող են: Անցեալ Հոկտեմբերին Հայաստան գտնուած օրերուդ ես ալ միատեղ պէտք է ըլլայի, բայց որովհետեւ ամառը երկու ամիս տնօրէններու հետ Երեւան գտնուեցայ եւ Սեպտեմբերին վերադարձայ, չկրցայ Հոկտեմբերին եւս մնալ: Այլապէս լաւ առիթ մը պիտի ըլլար հանդիպումի: Վարդգէս Պետրոսեանն ու Վարդգէս Համազասպեանը փափաքեցան, որ մնամ:

Մամուլէն եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներէ տեղեակ ես Լիբանանի կացութեան: Մենք աշխարհէն կտրուած ենք: Ո՛չ թերթ կը հասնի, ո՛չ նամակ: Աշխարհէն կղզիացած կ’ապրինք: Քանի մը ամիսներ դպրոցները փակ մնացին: Ես այդ շրջանին գրականութեամբ եւ հրապարակագրութեամբ զբաղուեցայ: Նոր բանաստեղծութիւններ գրեցի: «Ծառին Ճիչը» խորագրուած հատորիս կէսը գրուած է: Վերջացնելու մօտ եմ Լիբանանին նուիրուած արձակ բանաստեղծութիւններու գիրք մը «Մայրիներու Կանչը» խորագիրով: Ամենէն շատ սիրած բանս գրականութիւնն է: Երազս է, օր մը գործէ քաշուելով, ամբողջութեամբ գրականութեան նուիրուիլը: Վերջերս Համազգայինի Անթիլիասի մասնաճիւղը զիս հրաւիրած էր դասախօսելու Գարեգին կաթողիկոսի «Հող, Գիր եւ Մարդ»[cciii] գիրքի[ն] մասին:[cciv] Շատ յաջող ձեռնարկ մը նկատուեցաւ ներկայ գրասէր հասարակութեան կողմէ: Վեհափառն ալ գոհ մնաց: Կը սպասեմ, որ Պէյրութ այցելութեանդ առիթով նման դասախօսութիւն մըն ալ քու բանաստեղծի արժէքիդ մասին տամ: Լիբանանի մասին լաւատեսութիւնը կրկին հող շահեցաւ: 4 Յուլիսէն ի վեր շունչ կը քաշենք: Աստուած տայ ալ խաղաղութիւնը ամրապնդուի եւ վերջնականապէս հաստատուի աշխարհի այս գեղեցիկ անկեան մէջ:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 11 Մարտ 1985[ccv]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

7 Փետրուար 1985 թուակիր նամակդ եւ անկէ առաջ ղրկած երկտողդ ստացած եմ: Անտարբերութեան հարց չի կրնար ըլլալ: Զբաղումները երբեմն պատճառ կ’ըլլան, որ կարգ մը նամակներ յետաձգուին: Անյետաձգելի նկատեցի գրական գործունէութեանդ 35-ամեայ յոբելեանը կազմակերպող Յանձնախումբի շրջաբերականին պատասխանը: Ճիգ ըրի որ հասցնեմ ձեռնարկէն առաջ: Յուսամ հասաւ: Մանրամասնութիւններ անշուշտ կը պակսին ինծի, թէ ձեռնարկը ինչպէ՞ս անցաւ: Լոս Անճելոսի մամուլը առիթը չեմ ունենար տեսնելու: Յամենայնդէպս, կը շնորհաւորեմ գրական 35-ամեայ վաստակդ, մաղթելով որ զայն հարստացնես նորանոր ստեղծագործութիւններով:

Ինչ կը վերաբերի այս կողմերը գալու ծրագրիդ: Լուրը ուրախացնող է անշուշտ: Մեր գաղութի պայմաններէն մեկնելով համագաղութային ձեռնարկը կարելի չեմ գտներ, մանաւանդ որ Եղեռնի 70-ամեակին առիթով յանձնախումբեր կազմուած են եւ ամբողջ տարին Հայ Դատին նուիրուած ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն: Իմ նախընտրութիւնս այլ է: Հալէպէն ետք, եթէ անցար նաեւ Պէյրութ, միւս մշակութային միութիւններու մասին ոչինչ կրնամ ըսել, բայց ինչպէս ասկէ առաջ անդրադարձած էի, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի[ն] մէջ կրնամ կազմակերպել գրական դասախօսութիւն մը քու բանաստեղծական վաստակիդ նուիրուած: Դասախօսը ես կ’ըլլամ: Մէկ-երկու ասմունքներ գործերէդ կ’արտասանեն: Որքան որ գիտեմ՝ դուն ալ լաւ ասմունքող ես, դուն ալ քու սեփական ստեղծագործութիւններէդ կ’արտասանես: Դասախօսութեան կը յաջորդէ ընդունելութիւն մը, որուն կը հրաւիրուին ներկայ գտնուիլ գաղութին տարբեր շրջանակներու մտաւորականները: Եթէ յաջողիս շարժապատկերի ֆիլմը միասին բերել՝ գեղեցիկ յաւելում մը կ’ըլլայ:

Յոբելինական հանդիսութիւնէ մը աւելի ես կը հաւատամ գործի մը, ստեղծագործական վաստակի մը, արժէքի մը վերլուծական գնահատութեան: Յոբելինական հանդիսութիւնները յարգանքի խօսքերէն անդին չեն անցնիր: Շուտով ալ կը մոռցուին:

Մենք մեր գործերով կլանուած ենք: Ազատուհին համալսարանի մէջ իր դասախօսի պաշտօնը կը շարունակէ: Ես կրթական, հասարակական գործունէութեամբ կլանուած եմ:

Պիտի մաղթեմ, որ անպայման յաջողի Պէյրութ այցելութիւնդ: Թէ՛ քեզի եւ թէ՛ մեզի համար հետաքրքրական պիտի ըլլայ:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 3 Սեպտեմբեր 1985[ccvi]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

Լոս Անճելոս.

Ամէն անգամ, որ Լոս Անճելոս մեկնող բարեկամ մը ըլլայ, չեմ մոռնար երկտողով մը քեզի բարեւ ըսելու: Վերջին նամակս յուսամ ստացար: Եթէ ճիշդ հասկցար բովանդակութիւնը՝ ազդուելու պատճառ չես ունենար: Լիբանանի մեր կացութիւնը կացութիւն չէ դժբախտաբար: Ո՛չ մէկ ձեռնարկ կարելի է ծրագրել այս օրերու Լիբանանի մէջ, մասնաւորաբար արտասահմանի հետ կապուած: Օրը-օրին կ’ապրինք: Տեղական բնոյթի ձեռնարկներ ճիշդ է թէ տեղի կ’ունենան, բայց…: Կրնան եւ յանկարծ յետաձգուիլ: Կը յուսանք օր մը վերջ գտնէ այս ողբերգութիւնը: Այսօր Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացին մտահոգ է միայն իր ապահովութեամբ: Մարդու իր ճակատագրով: Այնքան վայրագ իրականութիւն մըն է Լիբանանի կեանքը: Եւ գիտե՞ս որքան երկարեցաւ այդ վայրագ իրականութիւնը: Արդէն տասը տարին անցաւ…: Անորոշութիւնը կը շարունակուի…: Ոչ ոք կրնայ կռահել, որ ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ: Ու մինչեւ վերջ գտնելը ո՞վ կենդանի պիտի մնայ: Բառերուս մէջ, ճիշդ է, թախիծ պիտի գտնես, տխրութիւն զգացնող տրմադրութիւն: Տարբեր ի՞նչ կրնայ ըլլալ լիբանանեան քաոսին մէջ ապրող մարդուն հոգեվիճակը: Բայց քաղաքացիական պարտականութեան գիտակցութեամբ պիտի չվհատինք, պիտի դիմադրենք, պիտի պայքարինք, պիտի գոյատեւենք: Ու մեզի հետ ջանանք գոյատեւել տալ հայկական գաղութը, որ նկատուած է սփիւռքահայութեան մայրաքաղաքը:

Պիտի մնա՞յ այդ դերին մէջ: Յոռետեսները արդէն գիծ մը քաշած են լիբանահայ գաղութին վրայէն: Լաւատեսները, որոնց մէջ նաեւ ես, կը հաւատան թէ լիբանահայ գաղութը պիտի շարունակէ պահել իր առաջնորդողի դերը: Մեր կացութեան մէջ գտնուողին համար, որքա՜ն դժուար է այդ լաւատեսութիւնը եւ հաւատքը պահել: Բայց կը հաւատանք, որ՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Լիբանանը իր խաղաղութիւնը պիտի գտնէ եւ լիբանահայ գաղութը իր առաքելութիւնը պիտի շարունակէ: Խաղաղած Լիբանանին մէջ Ալիսիա Կիրակոսեանի յոբելեանը տօնելը աւելի հեշտ ու հաճելի պիտի ըլլայ…:

Ինչքա՜ն ուրախ եմ, որ նաեւ հայերէնով կը ստեղծագործես: Վերջերս «Հայրենիքի Ձայն»ին մէջ կարդացի նոր բանաստեղծութիւններ: Հայերէն լեզուի մէջ արտայայտչականութիւնդ բաւական զարգացուցած ես: Շարունակէ՛ սպաներէնի կողքին հայերէն ալ գրել: Այդ մէկը կը կազմէ արմատներուդ ճշմարտօրէն վերադարձած ըլլալու ապացոյցը:

Լոս Անճելոսի ձեռնարկիդ մասին Շողիկէն լսեցի: Մեծ տպաւորութեամբ արտայայտուեցաւ: Յայտնեց նաեւ, որ կարդացուած է իմ ողջոյնի գիրս: Միայն պիտի ուզէի ունենալ յայտագիր եւ յարակից հրատարակութիւններ, եթէ եղան, ունենալ տրամադրութեանս տակ: Յարմար առիթով մը եթէ ղրկես՝ գոհ կը մնամ:

Յուսամ Հայաստանի հետ կապերդ կը շարունակես պահել: Մենք, դժբախտաբար, այդ մէկէն ալ զրկուած կ’ապրինք:

Յուսալով լսել քու քաղցր եւ բանաստեղծուհիի ձայնդ, մնամ,

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 16 Դեկտեմբեր 1986[ccvii]

 

Սիրելի Ալիսիա Կիրակոսեան,

Լոս Անճելոս.

Հին տարուան վերջին օրերուն գրի առնուած այս նամակին առիթով առաջին հերթին կը շնորհաւորեմ Ձեր Նոր տարին:

Նոր տարին ստեղծագործական նոր յղացումներ եւ իրագործումներ շնորհէ Ձեզի: Ստեղծագործական աւիշով լեցուն անհատին համար չկայ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան երկնումը նոր գործերու: Վստահ եմ՝ այս իրողութեան ամենէն աւելի գիտակ էք Դուք, որպէս ստեղծագործող: Անցնող տարին Ձեր կեանքին մէջ յատկանշուեցաւ 35-ամեակի արժեւորումով: Առիթ մը եղաւ Ալիսիա Կիրակոսեանի բանաստեղծութեան կապուած անձերուն համար վերստին վայելելու անոր քերթողութեան գեղեցկութիւնն ու կախարդանքը:

Ինծի համար գէթ այդ նշանակութիւնը ունեցաւ, երբ կրկին հակելով Ձեր գիրքերուն վրայ, մտայ Ձեր քերթողական աշխարհէն ներս, հոնկէ դուրս բերելու համար «Արարատ»ի մշակութային էջի մշակութային նշմարներս: Յուսամ գոհ կը ձգէ Ձեզ: Ինչպէս ասկէ առաջ, այս անգամ եւս գրուած է անկեղծութեամբ եւ առանց կանխակալ տրամադրութեան: Զայն կը դնեմ Ձեր տրամադրութեան տակ: Կարդացէք եւ դատեցէք:

Յուսամ տրամադրութիւններդ լաւ են եւ լաւատեսութեամբ կը դիմաւորես Նոր տարին: Բանաստեղծը փիլիսոփայօրէն կը դիմագրաւէ կեանքը: Ձեր բանաստեղծութիւններուն մէջ, ուր փիլիսոփայութիւնը միշտ իր ներկայութիւնը կը զգացնէ, կեանքի մէջ եւս կ’արտայայտուի: Այլապէս դժուար է կեանքը շալկել իր անհաճոյ երեւոյթներով, գձուձ եւ մանր խնդիրներով ապասերած բարքերով: Կարենալ վեր մնալու[ccviii] համար այդ բոլորէն, պէտք [է] կեանքը ապրիլ նաեւ բանաստեղծի պէս:

Մաղթենք, որ 1986 տարին աշխարհի համար իրապէս խաղաղութեան տարի մը ըլլայ:

Կը սպասեմ լուրերուդ, նորութիւններուդ, յաջողութիւններուդ:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Ստեփան Համալեանին

 

[Պէյրութ,] 5 Մարտ 1986[ccix]

 

Սիրելի ընկեր Ստեփան Համալեան,

Դամասկոս.

Ազնուութեանդ եւ ընկերական բարեացակամութեանդ ապաւինելով կ’ուղարկեմ քեզի վերջերս լոյս տեսած «Մայրիներու Արմատները» հատորէս երկու գիրքեր, որպէսզի սուրիական գրաքննութեան հաստատումէն ետք եւ վաւերացումէն ետք, կարելի ըլլայ անոնց Սուրիա մուտքը՝ վաճառքի համար: Յոյս ունիմ, որ պիտի ուզես օգտակար ըլլալ: Հալէպի մեր շրջանակէն 50 օրինակ ուզած են, որ ծախեն եւ օգնեն գիրքին սպառման: Գիրքին հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրուած է Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի կարօտեալ աշակերտներու կրթական ֆոնտին: Եթէ Դամասկոսի մեր շրջանակն ալ, որոշ քանակութեամբ գիրքերու սպառումով օգնէ, գոհ կը մնամ:

Առաջնորդ Սրբազանին[ccx] Դամասկոս վերադարձին սպասումով՝ տոքթ. Արշակ Գազանճեանը եւ ես Դամասկոս պիտի այցելենք: Այդ առիթով կը տեսնուինք:

Եթէ մասնաւոր դժուարութեան չի կարօտիր, պիտի խնդրէի Ձեզմէ, որ օր առաջ գրաքննութեան կնիքով կնքել տալէ ետք, բարի ըլլաս գիրքերը վերադարձնելու, որպէսզի Հալէպ ղրկելու դիւրութիւնը ունենամ:

Առ այդ ընդունիր կանխայայտ շնորհակալութիւններուս հետ, լաւագոյն բարեմաղթութիւններս յաջողութեան՝ ընտանեկան թէ հասարակական կեանքիդ մէջ:

 

Ընկերաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

 

  1. Յովհաննէս եւ Սօսի Հաննէսեաններուն

 

[Պէյրութ,] 4 Յուլիս 1984[ccxi]

 

Սիրելի Յովհաննէս,[ccxii] Սօսի եւ զաւակունք Հաննէսեան,

Լոս Անճելոս.

Բացակայութեան մը անդրադարձումէն ետք գրի կ’առնուի այս նամակը: Ամիսներու հեռաւորութենէ մը աւելի եւս զգացուեցաւ այդ բացակայութեան բացը մեր կեանքին մէջ: Յովհաննէս եւ Սօսի Հաննէսեանները որպէս զոյգ, թէ անջատաբար որպէս անհատ: Մեր երկար տարիներու բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը վառ կը մնան մեր տպաւորութիւններու հարուստ եւ այլազան տրցակներով լեցուն դարակներուն մէջ: Հեռաւորութիւնները առիթ կը ստեղծեն, որ գրգռենք դարակները դուրս բերելու համար հին յուշեր, հին ապրումներ, միատեղ պահերէ ծնած հասարակաց մտահոգութիւններ: Վստահ եմ, որ դուք ալ, հեռանալով հանդերձ Լիբանանի վտանգալից առօրեայէն, Լիբանանը կ’ապրիք, Լիբանանի Ձեր բարեկամները կը վերյիշէք: Լիբանանը չմոռցուելիք անցեալ ունի…: Ես կը հաւատամ թէ ապագայ ալ ունի: Գուցէ թարգմանես բանաստեղծի միամիտ լաւատեսութիւն: Բայց ես միշտ նախընտրած եմ լաւատեսութիւնը յոռետեսութենէն, առանց հրաժարած ըլլալու նաեւ իրատեսութենէն, որ մէջս կազմուած է հասարակական մարդու փորձառութիւններէս: Նամակին գրուած թուականն ալ կ’օգնէ, որ լաւատես տրամադրութիւն մը զգացուի տողերուս մէջ: Այսօր, առանց բախումի եւ խափանարարական արարքի, գործադրութեան դրուեցաւ Մեծն Պէյրութի ապահովութեան ծրագիրը: Ուրախութեան եւ լաւատեսութեան ժպիտներ երեւացին լիբանանցիներու կծկուած դէմքերուն վրայ: Յոռետեսները դարձեալ հարց տուին.– քանի՞ օրուան համար: Կը թուի թէ լաւատես ըլլալու աւելի պատճառներ կան: Այս անգամ: Աստուած ամօթով չհանէ: Ամէն:

«Սահակեան»ը ի գին ամէն զոհողութեան կանգուն պահելու ճիգերը կը շարունակուին անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ: Տնտեսական դժուարութիւնները մեծ են, բայց հաւաքական աշխատանքով կը հարթուին, մանաւանդ երբ հանրային պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը զօրանայ ղեկավար անհատներու մօտ…:

Գրատուն «Շիրակ» կ’այցելեմ յաճախ: «Յեղափոխական երգարան»ին լինելութեան ընթացքին Կարապետը[ccxiii] զիս ալ մասնակից դարձուց: Խոստացած եմ «Արարատ»ի մշակութային էջը նուիրել, երբ լոյս տեսնէ: Անցնող հինգ ամիսներու ընթացքին, հակառակ շրջապատէս ներս տիրող ամէն տեսակ անբնական իրադարձութիւններուն, շարունակեցի «Արարատ»ի մէջ մշակութային էջը խմբագրել:

Փետրուարէն Մարտ «Արարատ»ի գլխաւոր խմբագրին բացակայութեան ընթացքին թերթը խմբագրեցի, գոհացում տալով խմբագրական աշխատանքներու իմ անձնական հաճոյքիս, պարզապէս:

27 Յունիսին Անթիլիասի Համազգայինի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած գրական երեկոյին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «Հող, Մարդ եւ Գիր» հատորին նուիրուած, հրաւիրուած էի դասախօսելու: Ձեռնարկին բացումը կատարելու պարտականութիւնը վստահուած էր Գրիգոր Շահինեանին:[ccxiv] Գրիգորը բացումը կատարեց, ես դասախօսեցի եւ Վեհափառն ալ փակումը կատարեց…: Կրնաս պատկերացնել ձեռնարկին բովանդակութիւնը: Հակառակ օր մը առաջ ռմբակոծում եղած ըլլալուն, սրահը բերնէ բերան լեցուն էր:

«Մասիս»ի այն քիչ թիւերը, որ կը ստանանք, երբեմն քու միջոցաւդ Կարապետին ղրկուած, կը հետեւինք քու մտաւորական գործունէութեանդ: Վերջինը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կողմէ կազմակերպուած եւ նորոգ հանգուցեալ Բենիամին Ժամկոչեանին նուիրուած դասախօսութիւնդ էր: Պատկերացուցի Յովհաննէս Հաննէսեանը իր կշռուած արտայայտութիւններով եւ ծանրախոհ կեցուածքով բեմին վրայ: Մտածումը սիրեցի եւ ձեռնարկները գնահատելի գտայ իր[ենց] բովանդակութեամբ: Մաղթելի է, որ շարունակես մտաւորական նպաստդ բերել Լոս Անճելոսի հայ գաղութին՝ «Նոր Սերունդ»ին միջոցաւ…:

Մեր ընտանեկան կեանքը խաղաղ էր անցնող հինգ ամիսներուն, հակառակ դուրսի անխաղաղ եռուզեռին: Տունի ներքին խաղաղութենէն օգտուելով՝ ստեղծագործական աշխատանքներս շարունակեցի: Մերթ բանաստեղծութիւն, մերթ արձակ գրելով: Լիբանանի[ն] նուիրուած արձակ բանաստեղծութիւնը յատկանշող հատոր մը գրեթէ վերջացած է:

Հերոս Ասատուրին աղջիկը[ccxv] իր երկու մանչերով անգամ մը եւս հաստատեց, որ Հերոսին աղջիկն է: Մարտ հինգէն ի վեր ամէն օր կ’անցնի Պարպիրի անցքը:[ccxvi] Վկայ լիբանանեան մամուլը: Վտանգաւոր օրեր եղան, բայց փառք Աստուծոյ, որ անվտանգ անցան: Մանչերուս դպրոցը վերջացաւ եւ հիմա տունն են: Ազատուհին կը շարունակէ անցնիլ: Վաղը խոստացուած է չորս անցքեր բանալ: Խաղաղ ամառ կը խոստացուի: Մաղթենք: Յուսանք: Աղօթենք: Գրիգոր Զոհրապ ըսած է՝ հիմա յոյսին ետեւէն երթալն ալ ծախքով է…:

Մեր բարի սովորութեան համաձայն, այս ամառ կը ծրագրենք մեր ընտանեկան ճամբորդութիւնը դէպի Քեսապ կատարել: Գիւղին ու հողին հետ շփուիլ: Ձեզի ալ կը մաղթենք ընտանեկան երջանիկ վերամիաւորում ամերիկեան հողի վրայ, Շահէի[ն] միացումով: Այս անգամ՝ այսքան:

 

Սիրով եւ հարազատօրէն՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 3 Սեպտեմբեր 1985[ccxvii]

 

Սիրելի Յովհաննէս, Սօսի Հաննէսեաններ եւ զաւակունք՝ Շահէ եւ Հրաչ,

Լոս Անճելոս.

Շողիկին վերադառնալու առիթէն օգտուելով կ’աճապարեմ այս քանի մը տողով իմ, Ազատուհիին, Տիգրանին եւ Ռազմիկին բարեւները փոխանցելու: Այրող եւ ամենօրեայ իր ողբերգութեամբ տագնապող Լիբանանէն ողջոյն յղելով ըսելու թէ «Դեռ կենդանի ենք»:

Դեռ մինչեւ ե՞րբ կենդանի կը մնանք՝ Աստուած գիտէ: Բայց մենք որոշած ենք կենդանի մնալ, եթէ յաջողինք…: Յաջորդ ձեր այցելութեան կը տեսնուինք «Շիրակ» գրատան մէջ կամ մեր տունը: Ձեր մեկնումէն ասդին Լիբանան դարձեալ խռովեցաւ: Ե՞րբ խաղաղած էր որ…: Լիբանանի իրականութիւնը վերջին տասը տարիներու ընթացքին, եթէ արտայայտութեամբ մը պիտի բնորոշուի, «Պատերազմի եւ խաղաղութեան», աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ «Ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն» անհեթեթութիւնն է: Մարդիկն ալ, վիճակներն ալ, նկարագիրներն ալ, հոգեբանութիւններն ալ այս օրերու Լիբանանի[ն] մէջ անհեթեթ են, ցաւալիօրէն:

«Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» անհեթեթութեան մէջ կը շարունակենք մեր կեանքը: Վերջին ռմբակոծումներէն բաւական ազդուեցան եւ ցնցուեցան Հաճըն եւ Խալիլ Պետեւի թաղամասերու[ccxviii] բնակիչները: Մեծ քանակութեամբ ռումբեր ինկան մեր շրջակայքը: «Կենացի» վրայ, «Կերթմէնեան» դպրոցի[ն][ccxix] վրայ ինկողները մասնաւորաբար մեզ մինչեւ առաւօտ արթուն պահեցին: Այս անգամ ղրկուածներն ալ այնքան ուժեղ ձայներ կը հանէին, որ կարծես ռումբերը մեր մօտ կ’իյնային: Փոքր մանչս Աստուած Պապային իր ուղղած աղօթքին մէջ այսպէս կը բանաձեւէր իր աղօթքը. «Աստուած Պապա, այս ռումբերուն պատասխանը մեր կողմերը չիյնան»: Աստուած կ’երեւի լսեց: Անկէ ետք նոր ռումբեր չստացանք: Բայց տղուս այդ աղօթքէն ետք, շաբաթով մը բարձրացանք Զմմառի[ccxx] պանդոկը: Խաղաղած վերադարձանք: Ազատուհին աճապարեց անցնիլ արեւմուտք՝ մինչեւ Սեպտեմբեր 6 ամառնային դասերը վերջացնելու: Ես մանչերուս հետ մնացի արեւելք, մեր տունը: Հիմա կը սպասենք, որ Ազատուհին կրկին միանայ մեզի, որպէսզի շաբաթով մը դարձեալ Զմմառ՝ պանդոկը բարձրանանք: Չմոռցած յայտնեմ, որ «Սահակեան»ի շրջակայքը եւ բակին մէջ եւս ռումբեր ինկան: Բայց բարեբախտաբար մեծ վնասներ չպատճառեց[ին]: Գուցէ տարօրինակ պիտի թուէր, եթէ «Սահակեան»ը անմասն մնար…:

Մեր կեանքը այս է Լիբանանի մէջ: Ծանօթ ես, աւելին պէտք չէ … հասկնալու համար մեր վիճակը:

Ձեր կեանքի[ն] մասին գաղափար չունինք, քանի թերթերն ալ չեն հասնիր: Երբեմն արտասահմանեան թերթերու յայտարարութիւններուն կարօտ կը մնաս…: Անոնք իսկ խորհրդանշական նշանակութիւն կը ստանան: Բայց Շողիկէն, Կիւրեղ Մանկրեանին[ccxxi] տիկինը, հետաքրքրուեցայ ձեր մասին: Յայտնեց թէ Սօսիին հետ «Նաւասարդ»ի[ccxxii] կանանց յանձնախումբին մէջ կը գտնուի: Գնահատանքով արտայայտուեցաւ միջավայրի[ն] մասին: Ուրիշ առիթով աւելի երկար կը գրեմ ուրիշ հարցերու մասին: Հասարակաց նիւթերու մասին:

Յուսամ գրատունդ եւ տպարանդ լաւ հունի մէջ մտան: Օր մը եթէ կրկին բախտաւորուիմ այդ կողմերը գալու, կ’այցելեմ նաեւ Լոս Անճելոսի «Շիրակ» գրատունը: Մինչ այդ կը մնամ

Սիրոյ ողջիւնիւ,

Անկեղծաբար՝[ccxxiii]

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. Արմենակ, Մարի, Վահան եւ Քնարիկ Հեքիմեաններուն

 

[Պէյրութ,] 26 Սեպտեմբեր 1982[ccxxiv]

 

Սիրելի Արմենակ քեռայր,

Մարի քոյրիկ,

Վահան եւ Քնարիկ,[ccxxv]

Մենք ողջ-առողջ եւ ապահով հասանք տուն: Մէկ շաբթուան հանգիստի շրջանը բոլորելէ ետք, այսօր սկսայ նամակներս գրելու: Դուք, որպէս սրտի մօտ հարազատներ, առաջիններէն եղաք:

Ձեր տան եւ ընտանիքին մէջ մեր վայելած հիւրընկալութիւնը կարծես երբեք չէր զգացներ, որ մեր տունէն դուրս կը գտնուինք: Այնքան հարազատ էր Ձեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն վերաբերումը եւ այդքան հարազատ էին մեր ապրումները: Ուրախութիւն էր մեզի համար տեսնել Ձեզ, բոլորդ՝ ընտանեկան համերաշխութեան եւ սիրոյ մթնոլորտին մէջ: Ատոր աղբիւրը, անկասկած, Արմենակ քեռայրն ու Մարի քոյրիկն են: Արմենակը՝ իր ազնուական նկարագրով եւ Մարին՝ իր սրտի ու մտքի առաքինութիւններով: Առաջին անգամ ըլլալով այսքան մօտէն կը շփուէի: Որքան ուրախալի էր մեզի համար հաստատել, որ Վահանը կը շարունակէ իր հօր եւ մօր աւանդութիւնները: Կը մաղթեմ, որ Վահանը տարուէ-տարի յաջողութիւններ ունենայ, որպէսզի կարենայ միշտ իր յարկին տակ համախմբել քոյրերն ու քեռայրները: Իսկ հարսը՝ Քնարիկը իր ծառասիրութեամբ եւ լռութեամբ մեր վրայ լաւ տպաւորութիւն գործեց: Տիգրանն ու Ռազմիկը միշտ կը յիշեն Վերգինէն, Գոհարը եւ Արմէնը:[ccxxvi]

Ձեր տունէն բաժանումը ուրախ չեղաւ: Փաշային[ccxxvii] լուրը առնելով՝ տխուր բաժնուեցանք: Վերադարձին մեր առաջին այցելութիւնը Փաշային տուինք: Անկողնի մէջ է եւ իր ցաւերով կը տառապի: Լուրջ է հիւանդութիւնը: Եթէ Մարին կը փափաքի՝ գալ՝ թող չուշանայ:

Մենք դեռ մեր գործերուն չսկսանք: Նոր նախագահը ընտրուեցաւ: Կը սպասենք ամբողջական հանդարտութեան եւ խաղաղութեան: Ուրիշ նորութիւն մը չկայ: Մնացեալ բոլոր ազգականները հանգիստ են:

Խնդրանք մը ունիմ, սիրելի Մարի քոյրիկ: Եթէ Ձեր տունը ծրար մը մոռցած ենք, պիտի խնդրէի, որ կա՛մ հետդ բերես եւ կա՛մ ալ ղրկես:

Ընդունեցէ՛ք, սիրելի հարազատներ, Ազատուհիին, իմ, Տիգրանին եւ Ռազմիկին շնորհակալութիւնները:

 

Պէպօ Սիմոնեան եւ ընտանիք

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. Արսէն Ճերեճեանին

 

[Պէյրութ,] 10 Մայիս 1983[ccxxviii]

 

Սիրելի ընկեր Արսէն Ճերեճեան,[ccxxix]

Նիւ Ճըրզի.

Առաջին շրջաբերական նամակէդ ետք, որ «Երիտասարդ Հայաստան»ի[ccxxx] 80-ամեակի առիթով հրատարակելիք բացառիկին համար աշխատակցութեան հրաւէր մըն էր, ստացայ նաեւ երկրորդ նամակը: Գոհունակութեամբ կարդացի ընկեր Յովհաննէս Ծերուկեանի նուիրատուութեան կապակցութեամբ լուսաբանութիւններդ: Յայտնեմ, որ շաբաթ մը առաջ, ընկեր Յովհաննէս Ծերուկեանէն անընթեռնելի գիրով ինծի ուղղուած նամակ մը առի, որպէս պատասխան իրեն առաքուած շնորհակալական նամակին: Կարգ մը շփոթ կէտեր կային: Յամենայն դէպս անակնկալի մի՛ գար, որովհետեւ ընկեր Ծերուկեանին երկտողը Վահրիճ Ճերեճեանին յանձնեցի, ան ալ իր կարգին քեզի պիտի գրէր: Նամակովդ ամէն ինչ յստակացաւ: Կը սպասենք գործադրութեան, որովհետեւ անմիջականօրէն պէտք ունինք:

Ինչ կը վերաբերի «Երիտասարդ Հայաստան»ի աշխատակցութեան ուշացումին, ո՛չ անտարբերութեան, ո՛չ ալ արհամարհանքի հետեւանք է: Պարզապէս գերզբաղուածութեան: Մամուլէն հարկաւ տեղեկացար «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական տարուան յայտագրի մասին: Ծանրութիւնը Վահրիճին եւ իմ վրաս է: Քանի մը ձեռնարկներ արդէն փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցան: Նամակդ ստացած օրս կը գտնուէի պարտադիր արձակուրդի մէջ, երկրէն ներս ստեղծուած նոր խռովութիւններու հետեւանքով, մօտաւորապէս կայացած Լիբանան-Իսրայէլ համաձայնութեան պատճառով:[ccxxxi] Մինչ այդ ըսեմ, որ Վահրիճը հոս չէ, Հինգշաբթի պիտի վերադառնայ, նամակդ կու տամ որ կարդայ: Ստեղծուած կացութենէն օգտուելով, այսօր գրի կ’առնեմ նաեւ «Երիտասարդ Հայաստան»ի 80-ամեակի մասին խոհերս:

Դուք համոզուած եղէք, որ ըլլայ «Երիտասարդ Հայաստան»ը, ըլլայ Դուք՝ Ձեր գաղափարական գիծով մեր համակրանքը եւ համարումը կը վայելէք: Անոր արտայայտութիւնն էր «Արարատ»ի մէջ գրուած խմբագրականը եւ այն յօդուածը, որ ուսանողական էջին մէջ լոյս տեսաւ: Ստորագրողը «Սահակեան»ի աւարտական դասարանի աշակերտ է: Զիս մեծապէս ուրախացուց նաեւ որպէս «Երիտասարդ Հայաստան»ի խմբագիր Հայաստան հրաւիրուիլդ:

 

Մնամ ընկերական ջերմ բարեւներով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. Հրաչեայ Մաթեւոսեանին

 

[Պէյրութ,] 12 Փետրուար 1984[ccxxxii]

 

Շատ սիրելի Հրաչեայ Մաթեւոսեան,[ccxxxiii]

Երեւան.

Մինչեւ հիմա վաղուց գրած պէտք է ըլլայի քեզի: Բայց սպասեցի: Ուզեցի գիրքդ վերջացնել, այսինքն գիրքիդ ընթերցումը, ապա գրել նամակը: Երէկ կէս գիշերէն ետք, անկողինիս մէջ ընկողմանած՝ աւարտեցի: Ու հիմա հողոտ ձեռքերով, գիրքիդ այդքան հարուստ հողերէն մատերուս անցած գուղձերով, գրի կ’առնեմ նամակիս բառերը: Նամակիս տողերը ակօսուած են հողով, հողաբոյր տառերով: Անկեղծօրէն ներշնչուած եմ «Բարի Մարդկանց Հովիտ»ի[ccxxxiv] բարութիւնը ապրող եւ շնչող տիպարներէն, հողին պաշտամունքը ապրող եւ համակող հերոսներէն: Գիրքը փակելէս ետք, առաջին մտածումը, որ այցելեց, ա՛յն եղաւ, որ միայն հողի մարդն է, որ կրնայ այդքան հարազատօրէն արտայայտել հողի հանդէպ այդ զգացողութիւնն ու մտածողութիւնը: Շա՛տ ապրիս, գրչի, մտքի եւ հոգիի եղբայր: Մինչեւ հիմա, որպէս «ժուռնալիստ» ծանօթ էիր, ասկէ վերջ, նաեւ գրող: Ժուռնալիզմիդ մէջ արդէ՛ն կը զգացնէիր գրողի գեղարուեստական ճաշակդ եւ խառնուածքդ: Բայց աւելին, գիրքէդ թելադրուող եւ բխող գաղափարներու եւ յատկանիշներու ընդհանրացումով, պիտի գրեմ մշակութային նշմարներուս մէջ: Մշակութային էջ մը պիտի նուիրեմ գիրքիդ: Չեմ գիտեր տեսնելու առիթ կ’ունենա՞ս «Արարատ»ի մշակութային էջը: Յամենայն դէպս առաջին խանդավառռւթիւնս արտայայտած եղայ: Գուցէ ժամանակ մը ետք, երբ հանգչի խանդավառութիւնս, կրնամ աւելի առարկայական ըլլալ: Սպասենք…:

Գիրքիդ մակագրութեան մէջ խաղաղութեան մաղթանք մը կար աշխարհին, նաե՛ւ Լիբանանին: Մաղթանքներն ու ցանկութիւնները լաւ բաներ են: Մանաւանդ, երբ կը բխին բարի հոգիներէ: Քուկդ բարի հոգիի ցանկութիւններ էին Լիբանանի հայկական գաղութը խաղաղ երկինքին տակ տեսնելու: Բայց սիրելիս, դարձեալ խռոված ենք: Ռումբերու տակն ենք: Անդամալուծուած է ամբողջ երկիրը: Դպրոցները փակ են: Ո՛չ մէկ ձեռնարկ, ո՛չ մէկ շարժում: Ես, տունը բանտարկուած, գրականութեամբ կը պարապիմ, եթէ ռումբերու վտանգը անմիջականօրէն մօտս չէ: Ինը տարիներէ ի վեր վարժուեցանք կեանքի այս ոճին: Անոնք, որ չկրցան վարժուիլ, մեկնեցան ու կը մեկնին: Մեզի պէս մնացողներն ալ կ’ափսոսան եւ կը տառապին երբեմնի բարգաւաճ հայկական գաղութի ջլատումին ի տես: Աստուած բարին ընէ, սիրելի Հրաչեայ: Այդ յոյսով կը շարունակենք ապրիլ:

 

Սիրով եւ եղբայրաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Կիւրեղ եւ Շողիկ Մանկրեաններուն

 

[Պէյրութ,] 2 Սեպտեմբեր 1985[ccxxxv]

 

Սիրելի ընկեր Կիւրեղ Մանկրեան,

Լոս Անճելոս.

Շողիկին՝ տիկնոջդ այցելութեամբ Պէյրութ կը թարմանան եւ կը վերանորոգուին մեր կապերը, մեր հին յուշերը: Իր լուրերով, զեկոյցներով եւ տպաւորութիւններով կը գոհացնէ կեանքը: Ինչքա՜ն ուրախ եմ, որ քեզի հետ ամուսնացաւ Շողիկը, որովհետեւ իր հետաքրքրութիւններէն, նախասիրութիւններէն ոչինչ նուազած է, ընդհակառակը, զարգացած են: Ատիկա կերպով մը քու՝ արուեստագէտի եւ մշակոյթի մարդու քաջալերութենէդ կախում ունի: Ունեցած է: Գոհունակութիւն տուող ուրիշ պատճառ մըն է տէր եւ տիկին Ձեր նուիրումը հասարակական եւ մշակութային գործունէութեան՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ «Մասիս»ի ծիրէն ներս: Կը գնահատեմ «Մասիս» շաբաթաթերթին համար կատարած զոհողութիւնդ՝ վարչական պատասխանատուի պաշտօնով՝ որպէս կամաւոր ծառայութիւն: Կը խորհիմ թէ այդքանով պէտք չէ զոհանաս, այլ երբեմն-երբեմն ստորագրես նաեւ երաժշտական հարցերու եւ նիւթերու նուիրուած գրութիւններ: Չմոռցած կ’ուզեմ յայտնել նաեւ շնորհակալութիւնս «Մասիս» թերթին ինծի առաքումին համար: Մինչեւ Շողիկին գալը, կը խորհէի թէ Գրիգոր Խոտանեանն է ղրկողը, որովհետեւ ինք հոս եղած ատեն խոստացած էր. շնորհակալութիւն ալ յայտնեցի, բայց ոչինչ:

Շողիկէն առի քեզի վերաբերեալ ուրախացնող լուրերը: Յաջողած ես ասպարէզիդ մէջ: Այդքան մեծաթիւ աշակերտներ ունենալդ, Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի մէջ պաշտօնավարութիւնդ յաջողութեանդ ապացոյցները կը կազմեն: Աւելի մեծ յաջողութիւններ կը մաղթեմ:

Անցեալէն մնացած խոստում մը ունիս: Շողիկին հետ ամուսնութիւնդ վերյիշեցուց բանաստեղծութիւններէս մէկուն վրայ երգի մը յօրինումը: Շողիկին յիշեցուցի: Իր շատ անգամներ արտասանած մէկ քերթուածը՝ «Երկրո՞րդ Սէր» երաժշտական ռիթմ ունի եւ յարմար է երգի համար, բայց ազատ ես քու նախընտրութեանդ մէջ: Այս անգամ Շողիկը խոստացաւ հետապնդել: Ես կը հաւատամ կիներու հետապնդումին: Յուսամ քու եւ Շողիկին գործակցութեամբ այս անգամ կ’իրականանայ… մինչեւ 1986-ի առաջին օրերը եւ ինծի համար Նոր տարուան գեղեցիկ անակնկալը…:

Մեր կեանքը այստեղ անկայուն է: Օր մը խաղաղ, օր մը անապահով: Թէեւ վարժուեցանք, բայց նաեւ զզուեցանք: Պիտի դիմադրենք մինչեւ վերջնական խաղաղութիւն, որ կ’ուշանայ: Այս տարուան Օգոստոսը կրկին շատ տաք ըրաւ: Մէկ կողմէ բնութեան տաքը, միւս կողմէ պատերազմին տաքը: Շողիկը թէեւ գիւղն էր, բայց այս տարուան տաքերը մինչեւ գիւղերը հասան: Անկախաբար պատերազմին ստեղծած անապահովութեան անհանգստութենէն, անձնական մեր կեանքին մէջ ուրախ ենք: Բացի մեր ընտանեկան երջանկութենէն, ստեղծագործական գետնի վրայ եւս երջանկութեան պահեր կ’ունենամ ամէն անգամ որ նոր գործ մը կ’աւարտեմ: Աշնան լոյս պիտի տեսնէ Լիբանանին նուիրուած արձակ հատորս:

Ընդունէ’ լաւագոյն մաղթանքներս:

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 23 Հոկտեմբեր 1985[ccxxxvi]

 

Սիրելի Շողիկ,

Խոստումս կը յարգեմ, առանց Ձեզմէ նամակ սպասելու: Կը գրեմ փաստելու համար նաեւ թէ դեռ ողջ եմ: Մահուանս լուրը, որ տարաձայնուած է, անշուշտ մինչեւ քեզի ալ հասաւ: Ա՛լ կրնամ երեւակայել հոգեվիճակդ: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս տարաձայնուած է՝ հետաքրքրական է իմանալ: Վահրիճ Ճերեճեանը վերադարձին այս լուրը բերաւ: Չեմ գիտեր Ձեզի ալ հասա՞ւ, թէ՞ ոչ:

Քու մեկնելէդ վերջ շաբաթ մը Զմմառի պանդոկը դարձեալ հանգչելու համար ելանք: Յաճախ ձերիններուն հետ կ’ըլլայինք: Բայց չեմ մոռնար քու մեկնած օրդ տան մէջ տիրող տխրութիւնը: Ընտանիքին բոլոր անդամները տխուր էին: Բաժանումը միշտ իր ետին տխրութիւն կը ձգէ: Անկեղծ սիրոյ մը արտայայտութիւնն է ան: Ուրախ եղիր, որ սիրուած ես այնքան: Բայց քու իսկական սիրոյդ տէրը Կիւրեղն է…:

Անմիջապէս ուրախացնեմ քեզ: Եղբօրս՝ Գօգոյին հետ հաշտութիւնը իրականացաւ երեք շաբաթէ ի վեր: Տան եւ Ազատուհիին հոգիին մէջ խաղաղութիւն իջած է: Երեք օր է Ազատուհին եւ մանչերս դպրոց սկսան երթալ: Մեծ յոյսեր կան ամբողջական եւ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու համար: ԻՇԱԼԼԱՀ…:[ccxxxvii]

Ստացայ «Մասիս»ի այն թիւը, ուր հարցազրոյցը տպուած էր: Անմիջապէս գործադրուած էր թելադրութիւնը: Շնորհակալութիւններս:

Վահրիճը վերադարձաւ հաճելի տպաւորութիւններով: Ան ալ «Մասիս»ները հետը բերած էր: Տպաւորութիւնները ընդհանրապէս դրական էին տոքթ.էն: Ընդունելութիւն, այցելութիւններ, յարգանք տպաւորած էին: Յայտնի էր, որ Մոլոյեանին նամակէն ոչինչ դուրս ելած էր այս անգամ: Պատուէրները կ’երեւի դեր մը ունեցան: Ուրախ եմ անոր համար: Գաբրիէլը, սովորութեան համաձայն, նամակ չէր ղրկած: Անշուշտ նամակս յանձնած էիր իրեն:

Հակառակ անոր որ աշակերտութեան թիւը նուազած է, «Սահակեան»ի վերամուտը լաւ սկսանք: Յուսանք այսպէս կը շարունակուի: Մարօն (Տէօվլեթեանը) ուսուցչական կազմին վրայ լաւ յաւելում մը եղաւ:

Գրաբերիս հետ ղրկեմ իմ խմբագրած Վահան Տէրեանի «Հատընտիր»էն երկու օրինակ: Մէկը ձեզի, միւսը՝ «Մասիս» շաբաթաթերթին:

Մէկ ամիսէն լոյս պիտի տեսնէ նաեւ «Մայրիներու Արմատները» հատորս: Հոն եկող բարեկամ մը եթէ ըլլայ՝ կը ղրկեմ: Կը մտածեմ, թէ ինչպէ՞ս Լոս Անճելոսի բոլոր բարեկամներուս պիտի հասցնեմ գիրքէս: Այնքան շատ են անոնք, որ…: Յամենայնդէպս, կերպ մը կը մտածենք: Գիրքին հրատարակութեան առիթով ձեռնարկ մը նախատեսուած է՝ «Սահակեան»ի սրահին մէջ ընդունելութիւն-ցուցահանդէս Փոլ Կիրակոսեանի՝ գիրքիս թեմաներով ներշնչուած գործերով: Ազատուհին պիտի ըլլայ ներկայացնողը: Ազատուհին միշտ աղօթող է Ձեզի համար, Աստուած պիտի լսէ իր աղօթքը: Ես ալ պիտի լսեմ Կիւրեղին՝ բանաստեղծութեանս վրայ յօրինած երգին ձայնը: Խոստացար հետապնդել: Մինչեւ Նոր տարի կը սպասեմ:

 

Սիրալիր բարեւներով՝

Պէպօ Սիմոնեան[ccxxxviii]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 10 Փետրուար 1986[ccxxxix]

 

Սիրելի Շողիկ եւ Կիւրեղ,

Լոս Անճելոս.

Այսօր «Մար Մարուն»ի արձակուրդէն օգտուելով՝ կը գրեմ այս նամակը: Տունն են նաեւ Ազատուհին եւ մանչերս՝ Տիգրանն ու Ռազմիկը՝ ճամբաներուն անապահովութեան պատճառով: Հազիւ յոյս մը սկսած էր պլպլալ՝ դարձեալ անհետացաւ, վերադարձնելով լիբանանացիներուն անձկութիւնը: Լաւ օրերու մէջ չենք գտնուիր, բայց հաւատքով եւ կամքով կ’ապրինք:

15 Յունուարի դէպքերու[ն] մասին լսեցիք հարկաւ: Ծանրակշիռ օրեր ապրեցանք: Բայց նախքան 15 Յունուարը, 12 Յունուարին տեղի ունեցան «Սահակեան»ի սրահին մէջ Փոլ Կիրակոսեանի ցուցահանդէսն ու իմ՝ այդ օր լոյս տեսած «Մայրիներու Արմատները» գիրքին ընդունելութիւնը: Հոս նկարագրութիւնը պիտի չկատարեմ, որովհետեւ «Արարատ»ի մէջ մանրամասնօրէն, օրուան խօսք առնողներուն ելոյթներով, նկարագրութիւնը կատարուած է: Ձեռք անցո՛ւր եւ կարդա՛ այդ թիւը: Միայն սա ըսեմ, որ բարձր որակի ձեռնարկ մըն էր բոլոր ներկաներուն վկայութեամբ եւ Լիբանանի հայոց առաջնորդին[ccxl] ներկայութեամբ: Ազատուհին փայլեցաւ իր հանդիսավարութեամբ եւ ելոյթով: Երկար չտեւեց սակայն այս ուրախութիւնը. յաջորդ օրն իսկ կռիւները սկսան արեւելեան Պէյրութի մէջ: Մէկ օր «Սահակեան» բանտարկուած մնացի եւ հոն գիշերեցի տնտես-պահակին տունը: Զինեալները գրաւեցին շէնքը: Զիս առանձնացուցին պահակին տունը, ուր մնացի տիկին Մարիժանին, զաւակներուն հետ, իրենք ինծի, ես իրենց տէր ըլլալով: Անշուշտ տարբեր կ’ըլլար, եթէ Ապու Ապտօն հոն ըլլար: Աշակերտները հաւաքելու համար առաւօտուն ելած էր, եւ գացած տեղը մնացած: Մինչեւ յաջորդ առաւօտ ոչ մէկ ճամբայ կար ապահով զիս տուն հասցնող: Մերինները արեւմտեան կողմէն, վտանգը յանձն առնելով, հասած են տուն եւ ամբողջ գիշերը անցուցած են ինձմով մտահոգ: Յաջորդ օր, երբ քիչ մը ճամբաները ապահով դարձան, առաջին եկողը կինս՝ Ազատուհին եղաւ: Քիչ վնասով փրկուեցանք: Եթէ մենք հոն ներկայ չըլլայինք՝ ամբողջական կողոպուտ մը կը սպասէր դպրոցին: Միակ ցաւածս գրադարանէն գողցուած Ամերիկեան Համայնագիտարաններն են, որ, գիտես, «Սահակեան»ի 60-ամեակի[ն] աշակերտութեան նուէրն էր: Այս ոչինչ: Մէկ օր վերջ մեր շրջանին եւ յատկապէս մեր տան առջեւ տեղի ունեցած պատերազմը աննկարագրելի էր պարզապէս: Մենք՝ Գօգօն եւ դուրսէն մեր տունը ապաստանած երկու տեղացիներ ամբողջ տասը ժամեր ապրեցանք դժոխային պահեր: Ամէն վայրկեան այնպէս կը զգայինք, որ հիմա տունը մեր վրայ պիտի փլի: Այդ տասը ժամուան ամենէն յոյս ներշնչողը Տիգրանին եւ Ռազմիկին քաջութիւնն էին: Մեզի հետ դիմադրեցին: Փառք Աստուծոյ՝ նուազագոյնով փրկուեցանք: Տան առջեւի կատաղի պատերազմէն մենք հրաշքով փրկուեցանք, միակ վնասուողը մեր Մերսետես ինքնաշարժը եղաւ: Ան ալ անմիջապէս նորոգեցինք եւ շաբաթ մը ետք աշխատանքի սկսանք: Բայց գիրքիս հրատարակութիւնը մնաց աննշմար այդ պայմաններու[ն] տակ: Ինչպէս գիրքիս մէջ արձանագրուած է՝ մեկենասը Գօգօն է: Գիրքին հասոյթը ամբողջութեամբ նուիրուած է «Սահակեան»ի կրթական ֆոնտին: Ընդունելութեան օրը, ներկաները, քաջալերելու համար, շուրջ 6000 լ. ո. արժողութեամբ գիրքեր գնեցին: Քեզի կարգ մը օրինակներ պիտի ղրկեմ այդտեղի բարեկամներուս որպէս նուէր: Յուսամ կը յանձնես: Անցեալ ամիս ղրկածներս իրենց տէրերուն յանձնեցիր անշուշտ:

Միայն քու կարծիքդ առնելէ ետք, գաղափար մը ունիմ, գործադրելու համար: Քանի գիրքին հասոյթը նուիրուած է «Սահակեան»ին, կարելի՞ է ակնկալել Լոս Անճելոսի սահակեանցիներուն եւ «Սահակեան»ի բարեկամներուն գիրքը ներկայացնել սրտաբուխ նուէրի մը փոխան: Գիրքը գին չունի: Հաճիս այս մասին զիս տեղեակ պահէ, որ այդ հիմամբ որոշ քանակութեամբ փոստով ուղարկեմ: Գիրքը անպայման պիտի հետաքրքրէ նաեւ նախկին լիբանանահայերը: Կը սպասեմ:

Շնորհակալութեամբ ստացանք Նոր տարուան շնորհաւորական բացիկդ:

Չեմ գիտեր՝ կրնա՞ս կարգ մը փափաքներս գոհացնել: Շատ կը փափաքիմ հոն հրատարակուած կարգ մը գիրքեր ունենալ: Անոնցմէ մէկն է «Վահան Թէքէեանի Նամականին»:[ccxli] Եթէ տակաւին չէ սպառած, անպայման ճարէ՛ եւ ապահով անձի մը միջոցաւ ուղարկէ՛: Շատ գոհ կը մնամ:

Գրէ՛ ինծի այնտեղի նորութիւններու[ն] մասին, մի՛ ամչնար: Մոլոյեանէն երկար ատենէ ի վեր նամակ չեմ ստացած, ի՞նչ վիճակի մէջ է: Գրիգոր Խոտանեանը քեզի պէս է: Չի գրեր: Միակ կապս առայժմ «Մասիս» թերթն է, որուն համար ընդունեցէք կրկին անգամ շնորհակալութիւններս: Ես կրկին սկսայ «Արարատ»ի մշակութային էջը, որմէ «Մասիս»ը կրնայ օգտուիլ:

Քանի մը օր առաջ ծնողքիդ այցելեցինք ցաւակցութեան համար: Շատ գոհ մնացին:

Երէկ հօրեղբօրդ՝ Յովսէփին քառասունքի հոգեհանգիստին ներկայ եղանք, յետոյ տունը հոգեճաշի ներկայ գտնուեցանք: Ամբողջ գերդաստանը ներկայ էր:

Կը սպասեմ պատասխանդ: Գրէ՛ նաեւ Կիւրեղի մասին: Իր երաժշտական գործունէութիւնը զիս մօտէն կը հետաքրքրէ:

Ազատուհին, Տիգրանն ու Ռազմիկը ջերմօրէն կը բարեւեն: Նաեւ Գօգօն: Դուն ալ քու կարգիդ բարեւէ՛ բոլոր իմ լաւ բարեկամներուս, որոնց ծանօթ ես:

 

Սիրով եւ եղբայրաբար՝

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. Մարօ Մարգարեանին

 

[Պէյրութ,] 10 Փետրուար 1984[ccxlii]

 

Սիրելի Մարօ Մարգարեան,[ccxliii]

Երեւան.

Հաճոյքով ստացայ Նոր տարուան բարեմաղթութիւններդ բովանդակող եւ բանաստեղծ հոգիիդ անկեղծութիւնը արտայայտող, թրթռացնող գիրդ: Թոյլ տուր ըսելու, որ քիչ մըն ալ զարմացայ: Անցեալ ամառ մօտաւորապէս երկու ամիս Երեւան մնացի, բայց առիթ չստեղծուեցաւ իրարու հանդիպելու: Օգոստոս ամիսը, անշուշտ, արձակուրդի շրջան ըլալուն, գրեթէ՛ Երեւանէն դուրս կը գտնուէին մեր բարեկամ գրողներն ու մտաւորականները: Բայց Լիբանանի դժբախտ դէպքերուն հետեւանքով մեր կեցութիւնը ամիսով մը երկարաձգուեցաւ Երեւան, որուն շնորհիւ կարգ մը բարեկամներու հետ կարելի եղաւ հանդիպումներ ունենալ: Ծանօթ ըլլալու է, որ այս ամառ Երեւան կը գտնուէի սփիւռքահայ տնօրէններու պատուիրակութեամբ:

Մեր խումբէն գրասէրներու եւ մտաւորականներու խումբ մը եղաւ գրագիտուհի Անահիտ Սահինեանի տունը, ուր ներկայ էր նաեւ Վարդգէս Պետրոսեանը: Հաճելի ու հետաքրքրական երեկոյ մը անցուցինք:

Լիբանան իր այցելութեան առիթով Լեւոն Հախվերդեանին[ccxliv] հետ բազմաթիւ առիթ[ներ]ով եղանք:[ccxlv] Յուսահատելու աստիճան իր տունը հեռաձայնած եմ, բայց չեմ կրցած կապուիլ: Գուցէ ինք ալ տեղեակ չէր, որ ես Երեւան կը գտնուիմ: Ո՛չ մէկ ձեւով հետաքրքրուեցաւ: Հակառակ որ ինք ալ, մենք ալ իրարմէ լաւ տպաւորութիւններ կը պահենք:

Սիրելի Մարօ,

Լիբանանի կացութիւնը դարձեալ սաստկագոյն կերպով վատթարացաւ: Կոյր ռմբակոծումները հեղեղի նման կը թափուին ժողովուրդին վրայ: Հայ գաղութն ալ Լիբանանին հետ կը տառապի: Այս օրերուն Լիբանան ապրիլը հերոսութիւն է: Չեմ գիտեր այս բոլորէն ետք ի՞նչ կը մնայ: Բայց Լիբանանի հայ գաղութին արժէքը լաւ գիտնալով, Հայրենիքի մէջ թէ հոս սրտցաւ հայեր կ’աշխատին, որ հայ գաղութը շարունակէ ապրիլ որպէս հայկականութեան եւ մշակոյթի վառ կեդրոն: Ինը տարիներ անցան: Դեռ չենք գիտեր որքան կրնան[ք] դիմանալ եւ դիմադրել: Յամենայն դէպս մենք դիմադրողներէն ենք:

Ազատուհին հաճոյքով լսեց Լեւոն Հախվերդեանին՝ իր մասին ըրած ակնարկութիւնը:

Ընկեր Բայանդուրի[ccxlvi] մասին ոչինչ գրած էիր: Բարեւէ՛:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Գաբրիէլ եւ Մարիա Մոլոյեաններուն

 

[Պէյրութ,] 25 Սեպտեմբեր 1982[ccxlvii]

 

Սիրելի Մարիա եւ Գաբրիէլ Մոլոյեաններ,

Լոս Անճելոս.

Ճիշդ շաբաթէ մը ի վեր վերադարձած ենք մեր օճախը: Ողջ-առողջ: Ամերիկա մեկնողի մը պատեհութենէն օգտուելով՝ կը յղեմ Ձեզի առաջին գիրս:

Առաջին գիրս ուրիշ որեւէ բանէ առաջ, մեր ընտանիքի[ն] շնորհակալութիւնները պիտի արտայայտէ: Այն ջերմութիւնը, այն անկեղծ ուշադրութիւնը, որ արտայայտեցիք եւ ցուցաբերեցիք հանդերձ ընտանեօք, մեր Լոս Անճելոսի տպաւորութիւններուն մէջ անմոռանալի կը մնայ: Ձեր ընտանեկան յարկին տակ, թէ այլ յայտագիրներուն Ձեր մասնակցութեամբ մեզի հանդէպ արտայայտուած յարգանքը կը ցոլացնէր Մոլոյեան ընտանիքի աւանդական ազնիւ ոգին: Ամերիկան ոչինչ փոխած է տակաւին…: Մոլոյեան ընտանիքը յաւելում մը կրած է Մարիայով: Բալիկներու գալուստով, բաղդաւոր նոր յաւելումներ կը մաղթենք…: Մինչեւ յաջորդ այցելութիւն յուսանք կ’ողջունենք որդի զԳաբրիէլ եւ զՄարիա Մոլոյեաններու: Ուրախ եղանք Մարիային ծանօթանալով: Մեր ուրախութիւնը քաղաքավարական արտայայտութիւն չէ միայն եւ պարզապէս, այլ իր արժանիքներուն գիտակցութենէն բխող ապրում: Արժանիքներու փոխադարձ ճանաչումէն եւ գիտակցութենէն կախում ունի Ձեր ապագայ երջանկութիւնը: Կը մաղթեմ, որ տիրանաք անոր…:

Բարի եկաքի եւ ցաւակցութեան համար այցելուներ սկսանք ընդունիլ: Մեր տպաւորութիւններու պատումին մէջ Դուք միշտ ներկայ էք: Մանաւանդ «Տիզնիլէնտ»ը իր հաճելի, հետաքրքրական եւ ահարկու փորձառութիւններով: Տիգրանն ու Ռազմիկը շատ գոհ մնացած են եւ կը փափաքին դարձեալ այցելել: Բայց նախքան երկրորդ այցելութիւնը, կու գան իրենց շնորհակալութիւնները յայտնելու առաջին այցելութիւնը կազմակերպած զոյգին՝ Մարիային եւ Գաբրիէլ Ամմոյին:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան համար կատարած ծառայութիւններս իրապէ՛ս վարձատրուած զգացի առաջին անգամ ըլլալով, Լոս Անճելոսի մէջ կազմակերպուած գինեձօնով: Քաջ գիտնալով, որ անոր հեղինակը դուն էիր, շնորհակալութեան գիր մըն ալ պիտի յղեմ «Նոր Սերունդ»ի վարչութեան, յուսալով որ մինչ այդ կը վերակազմուի:

Ճամբորդական շրջապտոյտը որքան հաճելի ու հետաքրքրական, նոյնքան ալ յոգնեցուցիչ էր հարկաւ: Մեր տեսածներէն, հանդիպումներէն, տպաւորութիւններէն անկասկած որ հարստացած ենք: Ժամանակ կ’ուզէ տպաւորութիւններու բիւրեղացման համար: Նպատակ չունիմ անշուշտ ճամբորդական տպաւորութիւններ գրելու: Բայց ինչպէս ասկէ առաջ, օրագրութեանս արձանագրութենէն ինչ որ կը շարունակէ արձագանգել հոգիիս մէջ ալ, որոշ ժամանակ մը ետք, կը փորձեմ գրականութեան բերել: Տեսնենք ինչ կը դիմանայ Ամերիկայի շրջապտոյտէն:

Մեր վերադարձի գլխաւոր իրադարձութիւնները հանդիսացան. ա- Սապրա եւ Շաթիլա քեմփերէն ներս կազմակերպուած ջարդը: Ահաւոր ու սահմռկեցուցիչ:[ccxlviii] բ- Նոր նախագահի ընտրութիւնը: Պարզուած միասնականութեամբ բացուող Նոր Լիբանանի հեռանկարով: գ- Սին էլ-Ֆիլի շրջանին[ccxlix] մէջ, զէնքի պահեստանոցի մը պայթումով, որ բաւական վնասներու ենթարկեց «Սահակեան»ը՝ դժուար վերամուտի հոգը պատճառելով խնամակալութեան եւ տնօրէնին: Երանի վերջինը ըլլայ:

Առաջին նամակը գրեցի քեզի: Ազատուհին շատ ուրախացաւ: Անով ալ արտայայտած կ’ըլլայ այն զգացումները, որ կը տածէ Ձեր նկատմամբ: Ուրիշ նամակներ ուրիշ բարեկամներու պիտի շարունակեմ գրել: Մինչ այդ, մեր շնորհակալութիւններն ու բարեւները փոխանցեցէք Հայր ու Մայր Մոլոյեաններուն, Նուպարին,[ccl] Անիին եւ Շողիկին:[ccli] Շուշիկենց[cclii] պիտի գրեմ առանձին:

Եթէ Հայաստան յաջողիք երթալ, վերադարձին կը սպասեմ Ձեր տպաւորութիւններուն, յուսալով որ մինչ այդ օդակայանը կը բացուի եւ արտասահմանի հետ մեր երկրին կապերը կը վերահաստատուին: Ի ցնծութիւն ձեզի եւ մեզի: Ամէն:

Եղբայրաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 4 Ապրիլ 1983[ccliii]

 

Սիրելի Գաբրիէլ եւ Մարիա Մոլոյեաններ,

Մոնթէպելլօ.

9 Դեկտեմբեր 1982 եւ 23 Փետրուար 1983 թուակիր զոյգ նամակները իրենց օրին ստացեր եմ: Բայց օրին չկարենալ պատասխանելուս[ccliv] պատճառը, հակառակ սովորութեանս, չափէն աւելի զբաղուած ըլլալու վիճակս է: Զատկուան արձակուրդի վերջին օրս է այսօր: Վաղը Հայաստան երթալիք բարեկամի մը հետ, եղբօրս անպայման նամակ գրելու ստիպումին տակ, Ձեզ եւս յիշելով, գրեցի այս նամակս: Ու քանի որ զատկական մթնոլորտի մէջ կը գտնուինք տակաւին, դուք ալ, մենք ալ, ուրեմն ընդունեցէք տօնական օրերու մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները: Սպասումով մը, որ մինչեւ յառաջիկայ Զատիկ, զատկուան խորհրդանիշ հաւկիթներէն դուրս ելլող ճուտիկներու նման ճուտիկներ լոյս աշխարհ գան, երջանկացնելու համար Մոլոյեան եւ Վարդանեան ընտանիքները: Ուրեմն, սիրելի Գաբրիէլ եւ Մարիա, շնորհաւոր Ս. Զատիկ:

Հիմա՝ քիչ մը բազմազբաղ վիճակիս մասին: Մամուլէն տեղեկացաք հարկաւ, որ 1983 տարին «Սահակեան»ի 60-ամեակի տարին հռչակեցինք: Բաւական լուրջ յայտագիր մը, մէկ տարուան վրայ տարածուող, արդէն գործադրութեան դրուած է: Առաջինը Ուսուցչաց Օրուան ձեռնարկն էր, որ տեղի ունեցաւ 13 Մարտին: Իր բովանդակութեամբ եւ իմաստով բացառիկ ձեռնարկ մը: Սոյն ձեռնարկի ընթացքին ՊԱՏՈՒՈՅ ԳԻՐԻ արժանացան բոլոր այն ուսուցիչները, որոնք «Սահակեան»ի 60-ամեայ վաստակին մէջ իրենց դերը ունեցած են ուսուցչական ծառայութեան տարիներով: Մէկ խօսքով՝ տպաւորիչ ձեռնարկ մը: 3 Ապրիլին, Զատկուան գիշերը, Գազինօ տիւ Լիպանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 60-ամեակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որ դարձեալ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Նախատեսուած են այլ ձեռնարկներ ալ, որոնք իրենց համար որոշուած թուականներուն տեղի պիտի ունենան: 60-ամեակի տարին պիտի եզրափակուի յառաջիկայ Նոյեմբերին համար նախատեսուած եզրափակիչ հանդիսութեամբ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայրենիքէն հիւրեր: Շատ ամփոփ մէկ պատկերը ուզեցի տալ այս տարուան բազմազբաղ վիճակիս: Այս պատճառով ալ, այս տարի եթէ նամակներս ուշացնեմ, ներողամիտ եղիր: Բայց դուն գրէ՛: Յառաջիկային աւելիով կը փոխադարձեմ…:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութեան ուղղուած նամակով մը յայտնած էի շնորհակալութիւններս: Զոյգ նամակներուդ մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն կար: Եթէ ստացաք, պիտի խնդրէի որ նամակներէդ մէկուն մէջ տեղեկացնէիր:

Սիրելի Գաբրիէլ, վերադարձէս ասդին «Մասիս» թերթի ոչ մէկ օրինակ տեսած եմ: Հակառակ անոր, որ ընկեր Գրիգոր Խոտանեանին հետ համաձայնած էինք, որ օրինակ մըն ալ «Սահակեան»ի համար դնէ Պէյրութ ղրկուած ծրարին մէջ, տակաւին ոչ մէկ օրինակ ստացանք: Բարի եղիր յիշեցնելու իրեն: Բացի այն արձագանգէն, որ մեր հոն գտնուած օրերուն լոյս տեսաւ «Մասիս»ի առաջին էջին վրայ, ուրիշ որեւէ թղթակցութիւն կամ արձագանգ չերեւցաւ «Մասիս»ի մէջ: Գոնէ յիշելու համար մէկը: «Նոր Սերունդ»ի գինեձօնին թղթակցութիւնը լոյս չտեսա՞ւ «Մասիս»ի մէջ: Պիտի խնդրէի քեզմէ, եթէ շատ չնկատես, մեր վերադարձէն ետք, որեւէ արձագանգ կամ թղթակցութիւն, որ լոյս տեսաւ «Մասիս»ի մէջ, բարի ըլլաս ինծի առաքելու: Շատ գոհ կը մնամ:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի կացութեան: Բախումներ չկան: Խաղաղութիւնը հաստատուած է: Բայց երկիրը կը մնայ օտար բանակներու գրաւման տակ: Բոլոր կողմերու եւ շրջանակներու նշանաբանը նոյնն է այս օրերուն՝ ՕՏԱՐ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ: Լիբանանի ամբողջական անկախութեան տիրացումը:

Հայ կեանքէն ներս ստեղծուած խռովայոյզ վիճակը կարգ մը առեւանգումներու եւ սպանութիւններու պատճառով, առայժմ խաղաղած է: Բայց հայկական շրջանակներու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութէն, Դամասկոսէն եւ Հալէպէն անցքը…:

Փափաքս այն է, որ գրես ինծի նաեւ Ձեր կողմերը տեղի ունեցող անցուդարձերու մասին: Հետաքրքրուած եմ: Ոչ մէկ մամուլ առիթը ունիմ տեսնելու: Յուսամ Սերօ Խանզատեանի այցելութիւնը բաւական աղմուկ ստեղծեց: Ի՞նչ տպաւորութիւն ձգեց: Հետաքրքիր եմ իմանալու: Կարգ մը արձագանգներ «Արարատ»ի մէջ երեւցան: Անբաւարար էր սակայն իմ հետաքրքրութիւներուս գոհացում տալու տեսակէտով:

Թոյլ տուր, որ այս անգամ այսքանով բաւարարուիմ: Ընդունէ՛ Ազատին, Տիգրանին, Ռազմիկին լաւագոյն բարեմաղթութիւնները: Տակաւին չեն մոռցած «Տիզնիլէնտ»ը: Բարեւներ բոլոր պարագաներուդ եւ մեզ սիրող եւ չսիրող բարեկամներուն:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 8 Յուլիս 1983[cclv]

 

Սիրելի Գաբրիէլ,

23 Յունիս թուակիր նամակդ ստացեր եմ օրին: Ազնիւ հոգիի արտայայտութիւնդ կը նկատեմ «Սահակեան»ի 60-ամեակի աչքառու ձեռնարկներու յաջողութեան եւ «Նոր Սերունդ»ի պարախումբին գտած ընդունելութեան համար յայտնած շնորհաւորութիւններդ: Արդարեւ, իրականութեան մէջ, մեր կազմակերպութեան համար այս երկու ձեռնարկները բացառիկ նշանակութիւն ունեցան յաչս հանրային կարծիքին: «Սահակեան»ի 60-ամեակը համագաղութային տարողութիւն ունեցաւ: Փարիզ կատարած իր ուղեւորութենէն նոր վերադարձաւ Ժիրայր Նայիրին, ուր եւս յոբելինական հանդիսութիւններ եւ հանգանակութիւն կատարուած են: Արդիւնաւոր անցած են: Երէկ Ժիրայր Նայիրին անձնապէս ինծի զեկուցեց: Կը մնայ որ դուն ալ քու տուրքդ տաս յօդուած մը գրելով «Մասիս»ի մէջ:

Զիս շատ ուրախացուց անցեալ տարուան «Նոր Սերունդ»ի գինեձօնին թղթակցութեան առաքումդ: Մինչեւ հիմա գործած բոլոր յանցանքներդ ներեցի…: Նոյնքան եւ աւելի ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ քոյրդ՝ Շուշան Վարդանեանը, գինեձօնին համար պատրաստած իր դասախօսութեան մէկ ֆոթօ պատճէնը ուղարկէ. թղթածրարիս համար կարեւոր է:

Կը շնորհաւորեմ Հայաստանէն ստացած հրաւէրդ: Կը հետաքրքրուիս թէ մեր շրջանակէն ո՞վ հրաւիրուած է: Գլաձորի 700-ամեակին առիթով Մանուէլ Ադամեանը հրաւիրուած էր, բայց Հոկտեմբերը դպրոցական վերամուտի ամիս ըլլալուն, նախընտրեց Օգոստոսին տնօրէններու խումբին հետ այցելել Հայաստան: Յայտնեմ, որ Մանուէլն ու ես Օգոստոս 3-ին կամ 5-ին տասը ուրիշ տնօրէններու հետ ճամբայ կ’ելլենք դէպի Հայրենիք: Ես Հոկտեմբերին համար ուրիշ հրաւէր մըն ալ ունէի: Սփիւռքահայ գրողներու սեմինար մը պիտի կայանայ: Բայց ինծի համար եւս նախընտրելին ամառնային արձակուրդին զուգադիպող այցելութիւնն էր:

Տեղական ճոխ ու առատ լուրերդ գնահատեցի: Ամերիկեան քաղաքացիութեան համար ներկայացուցած դիմումդ ի սրտէ կը մաղթեմ, որ յաջողութիւն գտնէ: Կարեւոր ու կենսական հարց մըն է քու կեանքիդ համար, ու օր առաջ ունենալդ կը ցանկամ, որ իրականանայ: Կը ցաւիմ, որ Լոս Անճելոսի մեր ընկերական շրջանակէն ներս ՄԵՆԱՏԷՐ մը յայտնուած է: Անկցի՛ն բոլոր մենատէրերը: Ամերիկեան դեմոկրասիի մէջ՝ մենատիրութիւն: Անոր ալ վերջը կու գայ: Պէտք է համբերել, ինչպէս կը համբերես արդէն:

«Մասիս»ի մէջ կարդացի Ալեք Մանուկեանին հետ Ձեր հանդիպումը: Գնահատելի էր: Մանրամասնութիւններ կը պակսէին: Կ’երեւի աւելի շատ քաղաքավարական հանդիպում մըն էր:

Մեր կեանքը Լիբանանէն ներս կ’ընթանայ ուրախ ու տխուր, մերթ լաւատես, մերթ յոռետես առօրեայով: Չենք գիտեր մինչեւ ե՞րբ այս պայմանները պիտի շարունակուին տակաւին: Ամբողջական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատուած չէ: Հակառակ ատոր, կրթական եւ մշակութային կեանքը կը շարունակուի: Յուլիս 14-ին «Սահակեան»ի բացօթեայ շրջափակին մէջ պիտի ունենանք Երկրորդականի վկայականց բաշխման հանդէսը, նոր «Սահակեան»ի եւ իմ չորրորդ հունձքս, իսկ հին «Սահակեան»ի վաստակով՝ 60-ամեակի հունձքը: Այդ նախապատրաստութիւններու[ն] մէջ եմ: Զիս ներշնչող հանդիսութիւն է վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Ահա թէ ինչու համար, հակառակ շատ յոգնասպառ տարուան մը, յոգնութիւն չեմ զգար պատրաստութեան համար:

«Նոր Սերունդ»ի 30-ամեակի մասին առաջարկութիւնդ մտածել կու տայ: Մտածեմ՝ յետոյ կը պատասխանեմ: Մինչ այդ, այս նամակս կ’ուղարկեմ Շողիկ Փոլատեանին հետ: Շողիկը իմ ազգականուհիս է: «Սահակեան»ի նուիրեալ ուսուցչուհիներէն: Լրիւ սահակեանցի: «Նոր Սերունդ»ի վարչական անձնակազմի անդամ: Պտոյտով կ’այցելէ Լոս Անճելոս: Ձեր կապը իրեն հետ՝ «Նոր Սերունդ»ի համար օգտակար կրնայ ըլլալ:

Հայաստան այցելութեանդ համար բարի կեցութիւն կը մաղթեմ:

«Մասիս»էն կը յուսամ օրինակ մը ստանալ այսուհետեւ: Վահրիճ Ճերեճեանը անցեալները կը գանգատէր թէ հակառակ ձեզի գրած ըլլալուն, չստանար: Թող ղրկեն կ’ըսէ, ինչ որ է բաժանորդագրութիւնը՝ կը ղրկեմ:

Հարցերս վերջացուցի: Էջս ալ իր վախճանին հասաւ: Բարեւէ՛ ընտանիքի անդամներէդ սկսելով՝ բոլորին:

 

Սիրով եւ եղբայրօրէն՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 6 Դեկտեմբեր 1983[cclvi]

 

Սիրելի Գաբրիէլ,

Շնորհակալ եմ փափկանկատութեանդ համար: Կ’ակնարկեմ այն զոյգ նամակներուդ, որոնք ստացայ իրենց օրին: Տիրան Ճերեճեանին հետ պէտք է երկտող մը ղրկէի, բայց շատ ուշ լսեցի իր մեկնումի լուրը: Մէյ մըն ալ լսեցի, որ վերադարձած է: Ոչ մեկնելէն առաջ, ոչ ալ վերադարձէն ետք հանդիպեցաւ: Ինչեւիցէ․ այս կարգի վերաբերումներու շատ հանդիպելով՝ վարժուած եմ այլեւս: Մարդոցմէ գրեթէ ակնկալութիւն չունիմ:

Տոքթ. Արշակ Գազանճեանը վերադարձին զեկուցեց: Իր աշխատանքներու[ն] մասին լսեցինք: Լաւ ու դրական էին ընդհանրապէս: Մեր փոխյարաբերութիւնները նախկին տարիներու ջերմութիւնը չունի[ն]: Քեզմէ բարեւ մ’անգամ չփոխանցեց: Շեշտը դրաւ իր կատարածներուն վրայ: Ան ալ մարդկային է:

Կը ցաւիմ, որ Հայաստան չկրցար ճամբորդել: Լաւ պիտի ըլլար անշուշտ, որ այցելէիր: Քեզի համար անհրաժեշտ էր Հայաստանով վերանորոգում մը: Բայց ինչ որ կը նկարագրես արձակուրդիդ ամերիկեան հովուերգութեան մասին, ան ալ գեղեցիկ է: Մենք՝ Մանուէլը, Հրանդը[cclvii] եւ ես մօտ երկու ամիս վայելեցինք Հայաստանը: Մեր օդակայանը փակ ըլլալուն՝ ամենէն ուշ վերադարձող պատուիրակութիւնը եղաւ Լիբանանի տնօրէններունը: Հալէպի ճամբով վերադարձանք: Լիբանան ոտք դրած օրս իսկ զինադուլը հաստատուեցաւ: Անշուշտ Հայաստան գտնուած օրերուս ինծի համար մտահոգութիւն էր ընտանիքս: Բարեբախտաբար ողջ-առողջ գտանք իրար: Բայց վերադարձէս ի վեր մէկ մտահոգութեան միւսը կը յաջորդէ: «Սահակեան»ի նիւթական վիճակը անբաղձալի է: Հազիւ Նոյեմբեր 2-ին սկսած, այս երկրորդ անգամ ըլլալով ստիպուած կ’ըլլանք փակելու՝ կոյր ռմբակոծումներու պատճառով: Ա՛լ կրնաս երեւակայել դպրոցներուն պայմանները:

Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը բաւական ծանրակշիռ հանգրուանէ կ’անցնի: Մէկ խօսքով՝ ԼԻՆԵԼՈՒ ԵՒ ՉԼԻՆԵԼՈՒ հարցականին առջեւ կանգնած է: Այս կացութեան մէջ տեղաւորէ՛ նաեւ լիբանահայ գաղութը: Լիբանահայ գաղութէն ներս ալ՝ մեր կազմակերպութիւնը տնտեսապէս տկարը, ամենէն աւելի ազդուողը կ’ըլլայ ընդհանրապէս: Հետեւաբար, մեր տնտեսական դրութիւնը ուղղակի անփառունակ է: Թերթը քանի մը հոգիներու զոհողութեամբ լոյս կը տեսնէ: «Սահակեան»ին նիւթական վիճակը զերօ աստիճանի վրայ կը գտնուի: Երկրին ամբողջ տնտեսական վիճակը անդամալուծուած է: Այս բոլորը ըսելով՝ յոռետես չեմ, այլ՝ իրատես: Միակ մտահոգութիւնս այն է, որ Լիբանանի հայ գաղութը չպարպուի:

Անձնական գետնի վրայ միակ մխիթարութիւնս կը կազմէ գրականութիւնը: Հայաստանէն վերադարձիս վերսկսայ «Արարատ»ին աշխատակցութիւնս: Կը խմբագրեմ շաբաթական Մշակութային էջը: Կը գրեմ ընդհանրապէս ազատ ժամերուս: Երկիրը այժմ կրակմարի դրութեան մէջ կը գտնուի, ո՛չ մէկ գիշերային կեանք: Տունը ինծի համար ստեղծագործական խաղաղ անկիւնս է: Բարեբախտաբար համալսարանները բաց են եւ Ազատուհին Պի. Եու. Սի.[cclviii] իր աշխատանքին կ’երթայ: Տարօրինակ երկիր մըն է Լիբանան: Տեղ մը դպրոցները բաց են, ուրիշ տեղ մը՝ փակ:

Եղբայրս՝ Գօգօն ատամնաբուժական վկայականով վերադարձաւ: Հիմա փնտռտուքի մէջ է: Երկրին կացութիւնն ալ այժմ չի թոյլատրեր, որ դարմանատուն մը բանայ: Սպասողական վիճակ: Ամէն ոք եւ ամէն ինչ սպասողական վիճակի մէջ է այս օրերու Լիբանանի մէջ:

Դեկտեմբեր 4-ին Շողիկն ու Կիւրեղը ամուսնացած ըլլալու են: Ուրախացանք այս միութեամբ: Շրջանակն ալ բախտաւորուեցաւ: Չեմ գիտեր քու յարաբերութիւններդ ի՞նչ են:

Վերջերս «Արարատ»ի մէջ կարդացի թէ Հարաւային Ամերիկայի «Շարժում»ին[cclix] մէջ լոյս տեսած է «Սահակեան»ի 60-ամեակին նուիրուած յօդուածդ: Մտածեցի թէ արդեօք «Մասիս»է՞ն արտատպուած է: Լաւ պիտի ըլլայ, մեր 60-ամեակի արխիւին համար, եթէ թուականը վրան արձանագրելով յօդուածիդ կտրօնը ղրկես: «Մասիս»ը տեսնելու առիթ չեմ ունենար:

Նամակիդ մէջ տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեանի[cclx] գանգատներուս կ’ակնարկես: Տիրանն ալ վերադարձին եղբօրս գանգատած է իր անունով: Ես պաշտօնապէս ամառը Շողիկին հետ նամակ գրած եմ իրեն: Եթէ ըսելիք ունի, քաղաքավարութիւնը եւ պարկեշտութիւնը կը պահանջեն որ անձնապէս ինծի գրէ եւ ոչ թէ ուրիշներուն միջոցաւ հասցնէ: Թող չակնկալէ, որ այդ ուրիշները ճիշդ ձեւով կը հասցնեն: Այս ըսելով՝ իրեն հանդէպ համակրանքիս մէջ ոչինչ փոխուած է: Բայց իր տեսակէտը կ’ուզեմ իմանալ նամակով: Ուղղակի իրմէ:

Գաղափարդ լաւ է «Նոր Սերունդ»ի 30-ամեակին վերաբերեալ: Լիբանանը այժմ թոյլատու չէ: Մենք «Սահակեան»ի 60-ամեակը, որ այնքան փառաւոր կերպով սկսանք, իր աւարտին չկրցանք հասցնել: Անպաշտօն կերպով կրնամ ըսել թէ դուք կրնաք Լոս Անճելոսէն սկսիլ: Մանաւանդ որ հիմա Լիբանանը փոխարինող հայկական գաղութ մըն է: Նախաձեռնարկը դուք եղէք: Եթէ պաշտօնականացնել կ’ուզես՝ Կեդրոնին ուղղակի գրէ:

Քար մը նետած ես Ազատուհիին, ըսելով թէ ուրիշներու էջերով նամակ կը գրէ՝ Ձեզ մոռացութեան տալով: Այդ ուրիշները թարմ են տակաւին…: Մօտերս Ձեզ ալ նոյն բախտին կ’արժանացնէ: Բարեւէ՛ ընտանիքիդ բոլոր անդամներուն: Առանց մոռնալու ՄԱՐԻԱն:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 5 Փետրուար 1984[cclxi]

 

Սիրելի Գաբրիէլ,

Այսօր քոյր-եղբայր Ձեզի նամակ գրելով վերստին ձեզի հետ ըլլալու պահը ապրեցայ: Քիչ առաջ վերջացուցի Շուշանին գրած նամակս, որ պատասխան մըն էր Նոր տարուան առիթով ղրկած շնորհաւորական քարթին: Նման օրերուն երբ դատապարտուած ենք տունը մնալու դուրսի ռմբակոծումներէն չվտանգուելու համար, ես հաճոյք կը զգամ թուղթերուս հետ խաղալ[ով]: Նամակ գրելն ալ թուղթերու հետ խաղալու ձեւ մըն է: Կը պատասխանեմ տոքթ. Ասատուր Կիւլվարդեանին հետ ղրկած նամակիդ, որ իր մէջ կը բովանդակէր նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան նախաձեռնած ձեռնարկներու տոմսերը 30-ամեակի որպէս նախերգանք: Կը շնորհաւորեմ փառաւոր յաջողութիւնը: Ես հեռուէն խնդակից եմ ձեր յաջողութեան: Մենք տակաւին բնական պայմաններու տակ չենք գտնուիր «Նոր Սերունդ»ի 30-ամեակը նշելու: Եթէ ողջ մնանք, այդ ալ հրաշք է, սիրելի Գաբրիէլ: Դարձեալ ռմբակոծումներու տակ կը գտնուինք: 1 Փետրուարին Ժիրայր Նայիրին տիկնոջ հետ Հայաստան մեկնեցաւ: «Արարատ»ի բովանդակութիւնը տալու պարտականութիւնը ինծի վստահուեցաւ: Մեկնած օրուան յաջորդ օրն իսկ կատաղօրէն բռնկեցաւ: Թերթը հրատարակելու համար, վտանգը դիմագրաւելով, մեկնեցայ տպարան: Երկար ժամանակ բանտարկուած հոն մնացի: Այս՝ որպէս տեղեկութիւն:

Հ. Կ. Բ. Մ.ի Կեդրոնական Մարմնին կը փոխանցեմ պետական ճանաչման լուրը: Առայժմ ժողովները անդամալուծուած են: Յուսանք այսպէս չի մնար: Կը փրկուինք անշարժութենէն: Խաղաղութեան մասին տակաւին չենք կրնար խօսիլ: Աւելի ճիշդը՝ վերջնական խաղաղութեան մասին:

Բենիամին Ժամկոչեանի թաղումն ալ լաւ օրուան չզուգադիպեցաւ:[cclxii] Բայց հակառակ տիրող պայմաններուն, պատշաճութիւնները յարգուեցան: Մխիթարականը այն էր, որ իր լրումին հասած կեանք մըն էր: Չմեռած՝ արժանացաւ նաեւ Հայրենիքի գնահատանքին: Եղաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մրցանակի դափնեկիր:[cclxiii] Քիչ դեր չկատարեցի հոս եւ Հայաստան՝ կարծիք պատրաստելու տեսակէտով: Ինք մինչեւ մահը չներեց ինծի «Սահակեան»ի տնօրէն ըլլալուս…[cclxiv] Բայց պարտականութիւնս համարեցի մեծահոգութիւն ցոյց տալ:

Գրէ՛ ինծի նաեւ ընտանեկան կեանքիդ մասին: Մարիան ինչպէ՞ս է: Հայրդ, մայրդ: Մեր ընտանեկան բոյնը, հակառակ դուրսի պատերազմական պայմաններուն, խաղաղօրէն կը շարունակէ ապրիլ: Իմ ընտանեկան որոշ պարտաւորութիւններս Ազատուհին իր վրան առած ըլլալուն, կը թերանայ յաճախ նամակագրութեան մէջ: Բայց կը մտածէ անմիջապէս յարմար մոմենտին գրել:

Կարօտալի բարեւներով եւ ողջոյններով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 7 Յուլիս 1984[cclxv]

 

Սիրելի Գաբրիէլ,

Լոս Անճելոս.

Հակառակ բազմազբաղ առօրեայիս, Շողիկին վերադարձի առիթէն օգտուելով, սոյն նամակը կը փութացնեմ քեզի: Կը տեսնես, որ հաշիւ չեմ ըներ վերջին նամակիս պատասխան գրած չըլլալդ: Դուն ալ այդպէս վերաբերէ: Երբ առիթ կայ, մանաւանդ երբ եկող կայ, մի՛ ծուլանար եւ գրէ՛: «Մասիս»ի պատահական թիւերէն մէկուն մէջ կարդացի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կազմակերպած դասախօսական երեկոն Բենիամին Ժամկոչեանին նուիրուած: Գաղափարն ալ, դասախօսին ընտրութիւնն ալ գնահատելի էր:

Յուլիս 4-էն ի վեր, այսինքն Մեծն Պէյրութի ապահովութեան ծրագրի գործադրութենէն ի վեր շունչ մը կը քաշենք: Լռած են ռումբերը…: Ուրախութեան եւ լաւատեսութեան ժպիտ մը սկսաւ երեւալ լիբանանցիներուն մթամած դէմքերուն վրայ: Մինչեւ ե՞րբ. ոչ ոք գիտէ: Աստուած տայ ալ վերջնական ըլլայ:

Տոքթ. Ասատուր Կիւլվարդեանին հետ ղրկած նամակս վստահ եմ որ ստացած ես եւ իրեն հետ առիթ ունեցար երկարօրէն զրուցելու Լիբանանի եւ մեր ընկերական շրջանակին մասին: Սիրալիր բարեւներս փոխանցէ իրեն: Առողջ եւ ողջամիտ էին իր դատումները: Յայտնեց ինծի իրարու հետ Ձեր համախոհութիւնը:

Լիբանանեան կեանքը վերստին սկսաւ աշխուժանալ: «Նոր Սերունդ»ի 30 Յունիսի ճաշկերոյթը բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց իմ բացակայութեանս…: Աղմուկէ եւ ցուցադրական տեղերէ կրցածիս չափ կը ջանամ խուսափիլ: «Նոր Սերունդ»ը կը ծրագրէ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 60-ամեակին առիթով դասախօսական ձեռնարկ մը կազմակերպել եւ զիս հրաւիրած են որպէս դասախօս: Հակումս միշտ մշակութային մթնոլորտն ու մշակութային ձեռնարկները եղած են ու այդպէս կը շարունակեն մնալ: Վերջերս ալ, Համազգայինի Անթիլիասի մասնաճիւղը հրաւիրած էր, որ դասախօսեմ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «Հող, Գիր եւ Մարդ»[cclxvi] նոր լոյս տեսած հատորի[ն] մասին: Յաջող ձեռնարկ էր եւ դասախօսութիւնս ալ շատ գնահատուեցաւ:

Կրթական մեր տարեշրջանը պիտի փակենք Օգոստոս 12-ին: Այս տարի մեր վերմակին համաձայն երկարելով մեր ոտքերը, ամառնային արձակուրդը երեք շաբաթով պիտի անց[ը]նենք Քեսապ:

Բարեւելու համար էջս վերջացաւ: Բոլորին անխտիր՝ Մարիայէն սկսելով:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան[cclxvii]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 18 Դեկտեմբեր 1984[cclxviii]

 

Սիրելի Գաբրիէլ եւ Մարիա,

Լոս Անճելոս.

Բարեկամներու միջեւ նամակագրութիւնը հեռուէն խօսակցութիւն է: Քեզ այսօր խօսակից ունենալու ցանկութեամբ կը գրեմ այս նամակը: Ոչ անպայման պատասխանելու համար 23 Նոյեմբեր թուակիր նամակիդ, որ ոտքի վրայ գրուած, բայց բաւական գոհացուցիչ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր: Ճամբորդութիւնները այսպէս են, վերանորոգող: Մենք այս ամառ գոհացանք Քեսապ ճամբորդութեամբ: Բայց կատարեալ գոհացում առինք գիւղական մթնոլորտի մէջ: Տասնհինգ օրեր Քեսապի Գարատուրան գիւղին մէջ, ընտանեօք անցուցինք իսկական պոհեմական կեանք: Ի՞նչ ընենք, դուք, ամերիկեան տոլարներով, Ամերիկան կը շրջիք, մենք, լիբանանեան արժեզրկուած գումարով, դժուար շահուած վաստակով, գիւղերը միայն կրնանք շրջիլ: Անով ալ կը բաւարարուինք, եթէ խաղաղութիւնը մեզի կեանքը ապրելու շնորհը ընէ…:

Դարձեալ, Գաբրիէ՛լ, կեանքերնիս խռովեցաւ, ռումբերը սկսան տեղալ, եւ ամէն օր դպրոց կ’երթանք պրկուած ջիղերով: Դեկտեմբերի սկիզբէն ի վեր ռումբեր կը տեղան: Քանի մը ամիս հանդարտ ու խաղաղ կեանք մը ապրեցանք: Զգացինք թէ ինչ կը նշանակէ եղեր խաղաղութիւնը: Խաղաղութիւնէն օգտուելով, դպրոցական աշխատանքները կարգի դրած էինք, հիմա արդէն մտահոգութիւնը կրկին պաշարած է մեզ: Ի՛նչ գէշ բան է այս զգացողութիւնը:

Նոր Տարին մօտ է: Իմ ամենէն շատ սիրած տօներէն է Կաղանդը: Ամբողջ մանկութիւնս կը վերապրիմ: Ահա թէ ինչո՛ւ գրականութեանս մէջ շատ տեղ կը գրաւեն Ամանորը եւ անոր խորհուրդը…: Նիւթէն չշեղիմ: Ընտանեկան փոքր բոյնիդ երջանկութիւն կը մաղթեմ՝ շուտով ընդլայնուելու սրտաբուխ մաղթանքով…:

Նամակներուդ մէջ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն ըրիր Յովհաննէս Հաննէսեանին մասին: Կապ չունեցա՞ր արդեօք հետը: Կը լսեմ թէ ան ալ Յունուարին Պէյրութ պիտի այցելէ: Գրիգոր Խոտանեանին այցելութեան լուրը կու տաս, շատ լաւ է: Քու այցելութիւնդ, այս պայմաններուն տակ, կը թուի թէ հնարաւոր չէ…: Ոչինչ…: Կը հաւատամ, որ այս օրերն ալ, ձախորդ օրերու նման, կու գան ու կ’երթան…: Ինչպէս աշուղը կ’ըսէ՝ վհատելու չենք:

Յուսամ Հայր Մոլոյեան Եղիան կեանքէն գոհ է եւ նոյն լաւատեսութիւնը կը պահէ…: Մաման նոյն բարութեամբ կը ծառայէ զաւակներուն: Աստուած երկար կեանք շնորհէ անոնց: Շնորհաւոր Նոր Տարի Մարիային եւ քեզի:

 

Կարօտալի համբոյրներով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

Էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ, ձեռագիրով գրուած է Յ.Գ. Սիրելի Գաբրիէլ, թէեւ չեմ սիրեր ուրիշներէ բան խնդրել, բայց դուն ուրիշ չես, հարազատ ես… Վահան Թէքէեանի «Նամականին» Ձեր մօտ հրատարակուեցաւ, եթէ ինծի այդ հատորէն եկողի մը հետ ղրկես, շատ գոհ կը ձգես…:

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 17 Փետրուար 1985[cclxix]

 

Սիրելի Գաբրիէլ,

Ստացայ Գրիգոր Խոտանեանին հետ ղրկած նամակդ: Լսեցի իրմէ քու մասիդ: Իսկ կատարած գնահատումներդ իր մասին՝ իրաւացի էին: Այն կարճ հանդիպումներու ընթացքին, որ կարելի եղաւ ունենալ, դարձեալ հաստատեցի իր գաղափարական ոգին եւ հաւասարակշռուած դատողութեան տէր երիտասարդի նկարագիրը: Ես յատկապէս կը գնահատեմ նկարագրի եւ սկզբունքներու տէր մարդը, ինչ որ գտած էի եւ վերստին հաստատելու պատեհութիւնը ունեցայ իր այս այցելութեան ընթացքին: Լոս Անճելոսի մեր ընկերական շրջանակին համար եւ յատկապէս «Մասիս» շաբաթաթերթին համար կենսական է:

Գրիգոր Խոտանեանը նշանուեցաւ նորսերնդական համալսարանական հայուհիի մը հետ: Տիրան Ճերեճեանի քենին կ’ըլլայ: Շնորհալի է եւ միութենական լաւ յատկութիւններով օժտուած: Ամուսնութիւնէն ետք լաւ եւ օգտակար յաւելում մը կը դառնայ Լոս Անճելոսի «Նոր Սերունդ»ին համար: Նշանտուքը, որ ընկեր Տիրան Ճերեճեանի տան մէջ տեղի ունեցաւ, ընկերական մթնոլորտով կը յատկանշուէր: Ազատուհին խօսք առնելով դրուատեց երկուքին բարեմասնութիւնները, շեշտելով յատկապէս նոյն շրջանակին պատկանելիութիւնը: Ժիրայր Նայիրին, որ կը խուսափէր այս կարգի ընտանեկան ձեռնարկներէ, ներկայ եղաւ որպէս քաջալերութիւն եւ գնահատանք:

Գրիգոր Խոտանեանին հետ կը ղրկեմ Ալիսիա Կիրակոսեանի գրական գործունէութեան 35-ամեակին առիթով ինծի ղրկուած շրջաբերականին որպէս պատասխան, ողջոյնի գիր մը: Որքան որ գիտեմ, դուն մասնակից ես: Փոխանցէ՛ կազմակերպիչ յանձնախումբին, որուն ատենապետութունը կը վարէ Կարպիս Տէր Եղիայեան:[cclxx] Ինչքան որ կրցայ հասկնալ՝ մեր շրջանակը տաք չէ ձեռնարկին նկատմամբ եւ վերապահ պիտի մնայ: Ճիշդ պիտի չըլլար, իմ անձնական կարծիքովս, նման վերապահութիւն մը: Պատշաճ արձագանգը պարկեշտ կեցուածքի մը վկայութիւնը պիտի կազմէ, ինչ որ ալ ըլլան անձնական կարծիքները: Լսեցի թէ «Մասիս» շաբաթաթերթի մասին վիրաւորական ակնարկութիւն ըրած է Ալիսիա Կիրակոսեան: Նման բաներ մոռնալը եւս վեհանձնութեան մաս կը կազմէ…: Բայց վերջին հաշուով դուք գիտէք, չեմ ուզեր ձեր ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալ…:

Ընկեր Սամօ Սարգիսեան[cclxxi] իր տարեկան արձակուրդը հոս կ’անց[ը]նէ: Միատեղ ըլլալու առիթներ շատ ունեցանք: Մինչեւ Մարտի առաջին շաբաթը հոս պիտի ըլլայ:

Դեկտեմբերին անապահով պայմաններէ անցնելէ ետք, Յունուարը եւ Փետրուարը խաղաղ անցաւ: Իսրայէլեան ուժերու Սայտայէն հեռացումը առաջին մեծ յաղթանակը նկատուեցաւ Լիբանանի համար: Հարաւի ժողովուրդը ցնծութեան մէջ է, եթէ անակնկալներ չպատահին…: Չմոռցած յայտնեմ թէ ինչ մեծ անակնկալ էր ընկեր Գրիգոր Խոտանեանի բերած լուրը, ըստ որուն՝ շրջանակին ժխտական մարդը մեկուսացած է:

Երեւանի փառատօնի[ն] կապակցութեամբ քու եւ Խոտանեանին տուած լուրերը ուրախացնող չէին…: Ինչո՞ւ Վաչէ եպիսկոպոս Յովսէփեանը[cclxxii] նման ժխտական վերաբերում ցոյց տուած է մեր նկատմամբ՝ չկրցայ հասկնալ…: Յամենայն դէպս, ինչ որ ալ ըլլան պարագաները, պէտք չէ հեռու մնալ եւ չմասնակցելու ժխտական վերաբերում ցոյց տալ…:

Մենք, օգտուելով ստեղծուած յարաբերական խաղաղութիւնէն, 1983-ի համար ծրագրուած «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը 14 Ապրիլին պիտի կատարենք Պուրճ Համուտի «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: Ժամանակս այս օրերուն կլանուած է «Սահակեան»ի 60-ամեակի ձեռնարկին կազմակերպութեամբ:

Մանուէլ Ադամեանը Նոր Տարուան եւ Ծնունդի արձակուրդը Լոնտոն անց[ը]նելէ ետք, Փետրուար 24-ին դարձեալ Լոնտոն պիտի ուղեւորուի պաշտօնապէս հոն ներկայացնելու համար կուսակցութիւնը Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ Հ. Մ. Մ.ի[cclxxiii] հիմնադրութեան առիթով Լոնտոնի հայ գաղութէն ներս: Հրաւէրը Լոնտոնէն էր:

Վերջերս մեր ընկերական շրջանակը մտաւորական գետնի վրայ աշխուժացաւ: Իրար ետեւէ գիրքեր հրատարակեցին Մանուէլ Ադամեան, Հրանդ Գանգրունի, տոքթ. Արշակ Գազանճեան:[cclxxiv] Յատկապէս տոքթ.ին գիրքը ձեզ, ամերիկահայերդ կը հետաքրքրէ: Կը կոչուի «Մերին Ամերիկան»: Յուսամ քեզի չմոռցաւ եւ ղրկեց: Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը 10 Փետրուարին գինեձօն մը կազմակերպած էր երեք գիրք հրատարակած հեղինակներուն:

Պէտք է ըսել, որ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը հոս, Տիրան Ճերեճեանի գլխաւորութեամբ բաւական բազմաճիւղ գործունէութեան ձեռնարկած է: Պարախումբ, երգչախումբ, թատրոն եւն.: Փառատօնին մասնակցութեան խթանն ալ որոշ դեր ունեցաւ: Բայց կը թուի թէ մասնակցութեան թիւին սահմանափակութիւնը որոշ յուսախաբութիւն պիտի առաջացնէ…:

Ինչպէ՞ս են Լոս Անճելոսի «Նոր Սերունդ»ին աշխատանքները: Գաղութներու մէջ գործունէութեան հիմնական դաշտը մշակոյթն է: Խանդավառ լուրեր չբերաւ Գրիգոր Խոտանեանը «Նոր Սերունդ»ի գործունէութեան մասին: Անցեալ տարի էր, եթէ չեմ սխալիր, բաւական լուրջ եւ որակաւոր ձեռնարկներ կազմակերպած էիք: Պէտք է հետեւողական մնալ այդ աւանդութեան: Շողիկը եւ Կիւրեղը կը գործակցի՞ն: Իրենցմէ նամակ չեմ ստանար բնաւ: Միայն Նոր Տարուան քարթ մը ղրկած էին: Շողիկը հոս գործունեայ էր: Հոն ի՞նչ եղաւ:

«Մասիս»ին աշխատակցութիւնդ կարեւոր կը նկատեմ: Նախ՝ գրիչդ սուր պահելու համար, ապա մտաւորական ներկայութիւնդ զգալի դարձնելու համար գաղութէն ներս:

Շուշիկին Նոր Տարուան քարթը ստացանք: Իրենց հետ մեր կապը կ’երեւի Նոր Տարիէ Նոր Տարի պիտի ըլլայ:

Անձնական եւ ընտանեկան մեր կեանքը կը շարունակուի: Իրիկունները կանուխ կը քնանանք ընտանեօք: Գիշերային կեանք գրեթէ չկայ: Առտու կանուխ կ’արթննանք եւ ընտանեօք ճամբայ կ’իյնանք՝ կէսօրէ ետք միանալու համար: Իւրաքանչիւրս մեր հաստատութիւններէն լուրեր կը բերենք եւ ընտանեկան մթնոլորտ կը ստեղծենք:

Մարիան յուսամ լաւ է: Ընտանեկան պարագաներդ լաւ են: Բարեւէ՛ բոլորին: Հօրդ, մօրդ, Անիին, Նուպարին, Շողիկին, Շուշիկին, Յարութիւնին:[cclxxv]

Սպասելով լաւ ու բարի լուրերուդ, կը մնամ սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 18 Օգոստոս 1985[cclxxvi]

 

Սիրելի Գաբրիէլ,

Աւետաբեր Շողիկը եկաւ Լոս Անճելոսէն: Երկարող գրիչը եւ նամակդ յանձնեց: Շնորհակալութիւն գրիչին համար, որուն հետ գրեցի առաջին բանաստեղծութիւնս: Հայաստանցիներու բարբառով՝ յաջող ստացուեց:[cclxxvii] Ուրեմն՝ անկեղծ էր…: Բաւական խօսեցանք Շողիկին հետ, բայց ամբողջական զրոյցը պիտի ունենանք գալիք Շաբաթ օր, երբ կէսօրին մեր տան մէջ ճաշը միասին առնենք: Շողիկը վերադարձին թող անդրադառնայ քեզի այդ բոլորի մասին…:

Կը գնահատեմ Թորոնթօ հրաւիրուիլդ Քսաններու 70-ամեակին առիթով: Ելոյթդ չէր տպուած: Թղթակցութիւնը «Մասիս»էն առնելով՝ «Արարատ»ը արտատպեց: Կ’ուզեմ քեզ տեսնել միշտ մտաւորական դերիդ մէջ, ինչպէս նաեւ քոյրդ՝ Շուշիկը: Առիթներ ստեղծէ անձնական մշակումիդ համար: Պէտք է մտաւորական մարդը միշտ վերանորոգուելու համար ընթերցումներու կառչի: Առանց անոր՝ կը սպառի…:

«Մասիս»ի մէջ խմբագրական կազմի յայտարարութիւնը դրական էր: Գործնական գետնի վրայ եւս ան պէտք է զգացուի: Գրիգոր Խոտանեանին հետ երկարօրէն այդ մասին խօսած էինք: Պտոյտներուդ հանդէպ բաւական հոգածու ես…: Լաւ են անոնք: Դարձեալ կը նպաստեն վերանորոգութեան: Բայց մի՛ անտեսեր մտաւոր կարողութիւններուդ դրսեւորումը «Մասիս»ի էջերէն: Շաբաթական սիւնակ մը լեցնելը մեծ ճիգ չի պահանջեր, բայց գրիչդ սուր կը պահէ: Այդ մէկը կը սպասեմ քեզմէ, որպէսզի «Մասիսը» միայն մէկ հոգիով չի յատկանշուի:

Յակոբ Նորունիին[cclxxviii] մահը ցաւ պատճառեց: Հին յիշատակներ արթնցուց: «Արարատ»ի մէջ անդրադարձայ իր մասին առանց անշուշտ «աղուոր, աղուոր մօտեցիր»ը մէջբերելու: Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու[ն] մէջ յիշեցի նաեւ քեզ, ոգեկոչելով առաջին շրջանի գործունէութեան էջերը եւ «Արարատ Գրական»ի[cclxxix] հրատարակութիւնը, որ մեծ մասամբ Յակոբ Նորունիի ճիգերուն արդիւնքն էր, պանդոկ «Լորի»ի միջավայրին մէջ: Դուն ալ, սիրելի Գաբրիէլ, այդ հանդիպումներուն դերակատարներէն էիր: Պատմական գեղեցիկ յուշ են անոնք ներկայիս մեր շրջանակին եւ լիբանահայ գաղութին համար: Յօդուածս անպայման կարդա՛ Նորունիի մասին: Դժբախտ եղաւ ընտանեկան կեանքին մէջ: Վերջին այցելութեանս Երեւան, իր տան մէջ հիւրասիրեց զիս՝ իր նոր, ռուս կնկան հետ…:

Լոս Անճելոսը վերջերս արտասահմանի հայութեան ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնող գաղութ եղաւ: Մեծ թիւով այցելուներ կ’ընդունի: Նաեւ՝ մեր շրջանակէն: Յակոբ Պէրպէրեանը վերադարձաւ: Իր զեկոյցին հիմնական մասերը սեփականութիւնը եղաւ Կ. Վ.եան:[cclxxx] Նախ յայտնեմ, մեր մէջ մնալու պայմանաւ, որ հասարակական բարքերու դէմ է տան մը մէջ եղած ընդունելութիւնը մամուլին մէջ արձագանգել: Դուն գիտես իր անցեալը եւ ընդհանրապէս իր ըմբռնումները, որոնք հաշտ չեն հայրենասիրական մեր ուղղութեան հետ: Զարմանալին այն էր, որ հոնկէ իր տպաւորութիւնները գաղափարական գետնի վրայ բացասական էր, հակառակ անոր որ մեծ մասամբ այդ տեղի տղաքը Պէյրութի իր գաղափարական հոգեղբայրներն են…: Զանոնք որակած է «աջլիկ»: Անոնց այստեղի եւ այնտեղի ձգտումներուն հետ հաշտ Վահրիճ Ճերեճեանի այցելութիւնն ալ պիտի ընդունիք մօտերս: Եղիր հետը այնպէս ինչպէս պատշաճութիւնը կը պահանջէ, բայց ծայրայեղ խորհրդապահութեամբ կ’ըսեմ, որ մեր յարաբերութիւնները փայլուն չեն…: Պահէ՛ քու մէջդ եւ իր այցելութեան մասին նամակով տեղեկագրէ՛:

Յուսամ ընտանիքիդ անդամները, բոլորն ալ, Մարիայէն սկսելով մինչեւ հայր Եղիան, հանգիստ են: Հետաքրքրուած եմ մօրդ եւ յատկապէս հօրդ առողջութեան լուրերով:

Այս աշնան, խոհական խորքով արձակ բանաստեղծութեան հատորս, Փոլ Կիրակոսեանի նկարազարդումով, որ Լիբանանին նուիրուած է, «Մայրիներուն Արմատները» լոյս պիտի տեսնէ: Անմիջապէս կ’ուղարկեմ Ձեզի: Եթէ որեւէ անպատեհութիւն չստեղծուի, Սեպտեմբերին Երեւան պիտի ըլլամ: Ասպիրանտուրայի թէզիս պաշտպանութեան նախապատրաստութեան համար:

Այս ամառ ընտանեկան ոչ մէկ հաւաքական պտոյտ ընելու ծրագիր ունինք: Ազատուհին ամառնային դասաւանդութիւններ ունի մինչեւ Սեպտեմբերի սկիզբը: Հաւանաբար մէկ շաբաթով Լիբանանի լեռներէն Մէյրուպա բարձրանանք հանգստանալու համար: Կացութիւնը կրկին վատթարացաւ: Ռմբակոծումները սաստկացան: Մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ ոճրափորձն է արեւելեան թաղերուն մէջ ժողովուրդի անմեղ զաւակներուն դէմ ուղղուած: Չես գիտեր ինչպիսի ոճրային ձեռքեր կը գործեն: Մանուէլը Հայաստան է՝ իր տարեկան այցելութիւնը հոն անց[ը]նելու համար։[cclxxxi] Ժիրայրը «Արարատ»ով կը տապլտկուի: Սեպտեմբերի վերջերը գուցէ ան ալ Հայաստան երթայ հանգստանալու:

Գրած նամակներդ ընդհանրապէս ոտքի վրայ գրուած կ’ըլլան: Կուշտ ու կուռ նամակներէ կը զրկես զիս: Զայն կը վերագրեմ գիրէ խրտչումիդ:

Հասարակական կեանքը հոս լիբանանեան թոհուբոհին մէջէն կ’անցնի: Հակառակ տիրող պայմաններուն, հերոսական ճիգեր կը կատարուին: Այս տարեշրջանին ամենէն կարեւոր ձեռնարկները մեր շրջանակին հանդիսութիւնները հանդիսացան: «Սահակեան»ի 60-ամեակի հանդիսութիւնը փառաշուք յոբելեան մը եղաւ իր կազմակերպչական մակարդակով եւ բովանդակութեամբ, նմանապէս Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան երգի-պարի խումբին ելոյթները եւս փառաւոր անցան: Թատրոնն ալ այս տարի ողջունելի մուտք գործեց: Բայց, խօսքը մեր մէջ, Տիրանը որքան կրնայ «Նոր Սերունդ»ը ինձմէ հեռացնել՝ կը հեռացնէ…: Սեպտեմբերին հոն պիտի ըլլայ Գրիգոր Խոտանեանին ամուսնութեան առիթով: Իրեն ոչինչ կ’ըսես այս մասին, ասոնք միայն քեզի ըսելու համար են:

Կը նախապատրաստուինք համագումարի: Լիբանանի այս պայմաններուն տակ, հոս ընելու անկարելիութիւնը կը զգացնեն շրջանները: Լիբանանէն դուրս ուրիշ որեւէ տեղ բազմածախս պիտի ըլլայ: Բայց լրջութեամբ պէտք է պատրաստուիք նաեւ դուք, համախոհ ընկերներու ընտրութիւնը ապահովելով, դուն, Գրիգոր Խոտանեանը եւն.: Դարձեալ կը յիշեցնեմ որ ասոնք միայն քեզի վերաբերող հարցեր են, որոնք դուրս պէտք չէ ելլեն, կը շահագործուին ինծի դէմ: Վերջերս կարգ մը ճամբորդութիւններ այդ նպատակին համար կը կատարուին…: Պէտք չէ անտարբեր անցնիլ ըսածներուս առջեւէն: Կարեւոր եւ վճռական նշանակութիւն ունեցող հարցեր են ասոնք: Այդ լրջութեամբ պէտք է մօտենալ: Հոն, տեղի համախոհ ընկերներով պէտք է խորհրդակցիք: Վեց ամիսով յետաձգուած է համագումարը:

Յուսամ բաւական լայն տեղեկութիւններ փոխանցեցի: Մնացեալը՝ յաջորդիւ: Բարեւէ՛ բոլոր հարազատներուն:

 

Եղբայրաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 24 Դեկտեմբեր 1985[cclxxxii]

 

Սիրելի Գաբրիէլ,

Վերջին գրած նամակէս ասդին ոչ մէկ լուր քեզմէ: Ղրկած էի Շողիկին հետ: Վահրիճ Ճերեճեանը վերադարձին ոչինչ ըսաւ քու մասիդ: Անկասկած հետը եղար, հիւրասիրեցիր: Տիրանին ալ հարցուցի, ան ալ ոչինչ փոխանցեց: Անկէ վերջ ալ շարունակուող լռութիւնը խորհրդաւորութիւն մը կը պահէ անձիդ շուրջ: Յուսամ այդ խորհրդաւորութենէն լաւ բան դուրս կու գայ: Սպասելով այդ լաւ բանին, կը սպասեմ նաեւ քեզմէ լուրի:

Նախ անհատական գետնի վրայ ընդունիր Նոր Տարուան լաւագոյն մաղթանքներս: Ինչ որ կը ցանկաս՝ Նոր Տարուան հետ իրականանայ: Հաճոյքով սկսայ հետեւիլ «Մասիս»ի մէջ երեւցող յօդուածներուդ: Յօդուածագրութիւնը գլխաւոր «հօպի»դ դարձուր, որպէսզի աւելի շատ երեւաս մամուլին մէջ:

Վերջերս մամուլէն տեղեկացայ շրջանիդ մէջ պատահած նոր ընտրութիւններու մասին: Ինչո՞ւ այս մասին պաշտօնապէս չէք տեղեկացներ Կեդրոնական Վարչութեան: Յամենայնդէպս, նոր կազմը բաւական յուսադրիչ է:

Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր համագումարին՝ որոշուեցաւ զայն կայացնել Լիբանանի քաղաքական անպատեհութիւնները չունեցող վայրի մը մէջ: Մօտերս կը ստանաք Կեդրոնի շրջաբերականը: Կը մնայ, որ անկէ ետք նախապատրաստուիք մասնակցութիւնը կազմակերպել: Այս բովանդակութեամբ նամակ մըն ալ գրեցի ընկեր Գրիգոր Խոտանեանին:

Երեք ամիսներէ ի վեր յարաբերաբար խաղաղ օրեր անցուցինք: Ըստ պարզուած երեւոյթներուն՝ գարունը մօտալուտ է Լիբանանի համար: Կը յուսանք ողջունել զայն մինչեւ տարեվերջ:

Մօտերս լոյս կը տեսնէ Լիբանանին նուիրուած հատորս՝ «Մայրիներու Արմատները», որուն նկարազարդումը կատարած է Փոլ Կիրակոսեանը: Փոլ Կիրակոսեանի հայրենի կառավարութեան «Մարտիրոս Սարեան» մրցանակին արժանանալուն եւ գիրքիս հրատարակութեան առիթներով 12 Յունուարին ընդունելութիւն մը կազմակերպած է Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը, որու ընթացքին բացումը պիտի կատարուի նաեւ «Մայրիներու Արմատներ»ուն թեմաներով Փոլ Կիրակոսեանի նկարչական ցուցահանդէսին:

Ընտանեկան մեր կեանքին ամենէն տխուր երեսը կը կազմէ ամէն օր Ազատուհիին եւ երկու մանչերուս արեւելեան շրջանէն արեւմտեան կողմ անցքը: Վտանգներով լեցուն է: Հիմա տօնական օրերու առիթով արձակուրդի մէջ են, ես ալ հանգչած եմ: Այլապէս, ամէն օր, մինչեւ իրենց վերադարձը, հոգեկան անձկութենէ կ’անցնիմ: Ահա թէ ինչո՛ւ համար ամենէն աւելի ես կը սպասեմ Լիբանանի Կաղանդ Պապային, որ ապահովութիւն բերէ:

Յուսամ ընտանիքի բոլոր անդամներդ ողջ-առողջ են եւ աւանդական ձեր ջերմութիւնը կը պահուի հայր եւ մայր Մոլոյեաններու հովանաւորութեան ներքեւ: Ազատուհին, Տիգրանը եւ Ռազմիկը ջերմօրէն կը բարեւեն: Չմոռնամ յիշելու նաեւ տոքթ. Գրիգոր Գալայճեանը:

Սպասելով քեզմէ լուրի՝ շնորհաւոր Նոր Տարի, բարի Կաղանդ եւ Ս. Ծնունդ:

 

Սիրով եւ եղբայրաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

 

  1. Պետրոս Մուշեանին

 

[Պէյրութ,] 15 Դեկտեմբեր 1982[cclxxxiii]

 

Յարգելի ընկեր Պետրոս Մուշեան,[cclxxxiv]

Թորոնթօ.

Ճամբորդութեանս յայտագրով սկսայ նամակագրութեան: Հիմա հասած եմ Թորոնթօ: Թորոնթօ ուշ հասնելու պատճառներէն մէկն ալ քու Հայաստան ճամբորդութեանդ պարագան էր: Ընկեր Տիրան Ճերեճեանէն որոշ տեղեկութիւններ առի: Եղբայրս՝ Գօգօն ալ իր նամակով գրած էր քեզի հետ ունեցած հանդիպումներու մասին: Յամենայնդէպս, արժանի էիր, որ որպէս մշակութային գործիչ հրաւիրուէիր Հայաստան:

Մենք գոհունակութեամբ վերադարձանք Թորոնթոյէն: Թէեւ կարճ էին այցելութեան ժամերը, բայց դուն եւ ուրիշ քանի մը բարեկամ ընկերներ արդիւնաւորեցիք Ձեր կազմած յայտագրով: Մասնաւորաբար անմոռանալի կը մնայ գիշերով Նիակարա այցելութիւնը: Բանաստեղծի մտաշխարհիս մէջ, որպէս տպաւորութիւն կը մնայ անջնջելի: Անջնջելի կը մնայ նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած գինեձօնի երեկոյթը: Առաջին անգամ ըլլալով, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան համար կատարած ծառայութիւններս կը գնահատուէին: Շնորհակալ եմ անոր համար: Կը գնահատեմ Թորոնթոյի մէջ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեամբ կատարած աշխատանքներդ, գործունէութիւնդ: Ատով մեր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնես: Պէտք է քաջալեր հանդիսանալ: Գնահատելի գտայ նաեւ մտաւորական ուժեր «Նոր Սերունդ»ի շուրջ համախմբելու նախաձեռնութիւնդ: «Լուսաբաց»ը անոր արտայայտութիւնն է: «Արարատը» ջերմօրէն ողջունեց «Լուսաբաց»ի հրատարակութիւնը:[cclxxxv] Մոռցած էիր ինծի օրինակ մը ղրկել: Յարատեւութիւն կը մաղթեմ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ մամուլ պահելը շատ զոհողութիւններ կը պահանջէ:

Ես քեզմէ կը սպասեմ նամակ մը, որուն մէջ բարի ըլլաս ինծի յիշեցնելու այն խոստումները, որոնք ես կատարած եմ քեզի Թորոնթօ գտնուած մէկ ու կէս օրերու ընթացքին…: Վարդգէս Համազասպեան քու բերնովդ արտայայտուելով ակնարկած է նաեւ իմ կատարած խոստումներուս, որոնք չեն յարգուած…: Կ’արժէ այս հարցով լուսաբանուիլ:

Սիրելի Պետրոս, յուսամ մեր կապը կը շարունակուի այսուհետեւ: Եթէ գրես՝ սիրով կը պատասխանեմ: Մինչ այդ բարեւէ՛ մօրդ, տիկնոջդ[cclxxxvi] եւ ձագուկիդ:[cclxxxvii]

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

 

  1. Վահան Մուրատեանին

 

[Պէյրութ,] 16 Դեկտեմբեր 1982[cclxxxviii]

 

Սիրելի ընկեր Վահան Մուրատեան,[cclxxxix]

Թորոնթօ.

Գիտեմ ուշացուցի նամակս: Աւելի կանուխ գրած պէտք է ըլլայի: Բայց վերադարձէս ետք գործերուս ընթացքը թոյլ չտուին, որ աւելի կանուխ գրեմ քեզի: Մէկ քարով՝ երկու թռչուն: Դեկտեմբերի կէսը անցած ենք արդէն եւ մօտ օրէն Նոր Տարին պիտի ողջունենք: Ուրեմն նախ շնորհաւորեմ Նոր Տարին, մաղթելով որ աշխարհի բարին շատնայ եւ ապա բարի մարդոց գործերը յաջողութիւն գտնեն: Քեզի ալ, սիրելի Վահան, ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ: Ընտանիքիդ միացար: Տակաւին համակերպումի գաղափարին հետ չես հաշտուած: Բայց քանի ընտանիքդ ալ վերջնականապէս հաստատուեցաւ, ստիպուած պիտի ըլլաս համակերպիլ եւ գործերդ ըստ այնմ դասաւորել:

Մենք անձնապէս քեզմէ շատ գոհ մնացինք: Մեր Թորոնթօ կեցութեան կարճ ժամանակամիջոցին կարելիդ ըրիր, որ մենք գոհ ու ուրախ վերադառանանք: Չենք մոռնար ծառայութիւնդ: Մէկ օր ամբողջ տրամադրուեցար մեզի: Համալսարան այցելութիւնը քեզմով կարելի դարձաւ: Չեմ մոռցած համալսարանի շրջափակին մէջ ժամեր գրաւող մեր խօսակցութիւնը քեզ եւ զիս հետաքրքրող նիւթերու մասին:

Ընտանիքիդ անդամներուն բարեւէ՛: Սալբիին յիշեցուր, որ չմոռնայ «Սահակեան»ը: Խոստացած էր գրել: Դեռ կը սպասեմ իր նամակը…:

1983 տարուան ընթացքին պիտի նշենք «Սահակեան»ի 60-ամեակը: Նախապատրաստութիւններ կը տեսնուին յատուկ շուք տալու «Սահակեան»ի յոբելեանին:

Պէյրութը առայժմ խաղաղած է: Յոյսեր կան, որ մօտ օրէն ամբողջական խաղաղութեան հասնինք: Լեռներու վրայ կռիւները կը շարունակուին: Դպրոցները ուշ բացուեցան բայց բնականոն կերպով կը շարունակուին: Յուսանք մինչեւ կրթական տարեշրջանի վերջաւորութիւնը այսպէս կը մնայ:

Ինչպէս հոն եղած ատենս թելադրեցի, դուն պէտք է «Նոր Սերունդ»ի շրջանակէն ներս ծառայութիւնդ չզլանաս: Ինծի ծանօթ են առարկութիւններդ: Քիչ մը ամէն տեղ կան հին նոր մտայնութիւնները: Պիտի ջանաս համակերպիլ:

Եթէ այսուհետեւ գրես, սիրով կը պատասխանեմ: Բայց մինչ այդ կը սպասեմ:

 

Սիրով՝

[ստոր․՝ շՊէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

  1. Յակոբ Նորունիին

 

[Պէյրութ,] 15 Փետրուար 1984[ccxc]

 

Սիրելի Յակոբ,[ccxci]

Երեւան.

18 Նոյեմբեր 1983 թուակիր նամակդ ստացայ գրուած թուականէն բաւական ուշ: Կը թուի թէ գրած ես, մէկը սպասած եւ փնտռած, որպէսզի ձեռքով ղրկես: Նամակիդ մէջ գանգատներ ունիս: Չեմ մոռցած խոստումներս, սակայն մեր ապրած ծանրակշիռ պայմանները թոյլ չեն տար, որ նման հարցերով զբաղիմ: Վերադարձէս ի վեր գրեթէ դադար չէ ունեցած պատերազմը: Դպրոցին տնտեսական հոգը, ուսումնական եւ դաստիարակչական հարցեր զիս թէ՛ զբաղուած եւ թէ՛ մտահոգ կը պահեն: Այս պայմաններու տակ, Ժիրայրին բացակայութեան, Երեւան կը գտնուի, կը խմբագրեմ նաեւ «Արարատ»ը: Անցեալ Հոկտեմբերէն սկսած էի նաեւ «Արարատ»ի մշակութային էջը խմբագրել: Չեմ մոռցած նաեւ այդ ուղղութեամբ քու թելադրութիւնդ՝ շարունակելու:

Գրեթէ տունէն դուրս չենք կրնար ելլել: Ապահովութեան կացութիւնը այնքան վատթարացաւ: Այս կացութեան մէջ, տունը ինչ որ ունէի կրթական կեանքին վերաբերեալ, Եղիկին[ccxcii] հետ կ’ուղարկեմ: Հարցարանիդ պատասխանը եւ այլ հրատարակութիւններ կը ջանամ յաջորդիւ ուղարկել անմիջապէս, որ կացութիւնը բարելաւուի եւ ի վիճակի ըլլամ գրատուներ այցելելու: Երբեք ինծի համար հարց չէ գնուելիք հրատարակութիւններուն ծախքը հոգալ: Չ’արժեր այդ առնչութեամբ Արշակ Գազանճեանին դիմել:

Մենք լաւագոյն տպաւորութիւններով բաժնուեցանք Ձեր հիմնարկէն, որ շատ օգտակար աշխատանքի լծուած է: Մեր ցանկութիւնն է գործակցիլ հիմնարկին հետ: Հիմնարկին պետին՝ դոկտ. Ռոպեր Խաչատուրեանին[ccxciii] եւ միւս ընկերներուն ջերմօրէն բարեւէ՛: Էդիկ Մելքոնեանին[ccxciv] յայտնէ՛ թէ զինք չեմ մոռցած: Յուսամ ինք ալ զիս չէ մոռցած:

Լիբանանահայ գաղութի մասին կատարած ուսումնասիրութեանդ յաջողութիւն կը մաղթեմ: Կարելիութեանս սահմաններուն մէջ կ’ուզեմ օգտակար ըլլալ քեզի:

Քրորդիիս՝ Եղիկին Երեւան արձակուրդէն վերադարձի առիթէն օգտուելով անմիջապէս գրեցի այս նամակս, պատասխանած ըլլալու համար նաեւ գրած նամակիդ: Չեմ սիրեր նամակները անպատասխան թողուլ: Բարեւէ՛ տիկնոջդ:

 

Սիրով եւ բարեկամաբար՝

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. 40. Կարլեն եւ Վերա Յակոբեաններուն

 

[Պէյրութ,] 29 Հոկտեմբեր 1983[ccxcv]

 

Սիրելի Վերա եւ Կարլեն Յակոբեաններ,[ccxcvi]

Երեւան.

Ողջ-առողջ հասանք մեր օճախները: Աւելի մեծ ուրախութիւնը այն եղաւ, որ Լիբանան ոտք դրած օրերնիս իսկ հաստատուեցաւ զինադադարը: Զինադադար մը անշուշտ, որ իր լիբանանեան ոճով կը յատկանշուի, որովհետեւ խախտումներ շատ պատահեցան ապահովութեան վիճակը վտանգելով։ Անցնող ինն տարիներու ընթացքին ոչ մէկ ատեն ապահովութիւնը լաւացաւ Լիբանանի մէջ: Մենք վարժուեցանք այս դժուար ոճին: Մեզ մտահոգողը հայերու արտագաղթն է Լիբանանէն: Հայութեան քանակական եւ որակական տկարացումը Լիբանանի մէջ տկարացումն է Հայկական Սփիւռքին:

Մեր բացակայութեան մեր ընտանիքները կոյր ռմբակոծումներու հետեւանքով դժուար եւ ծանր պահեր անցուցած են: Մինչ մենք հոն ուրախ ու զուարթ օրեր կ’անց[ը]նէինք: Ձեր հետ, Ձեր տան մէջ անցուցած մեր ժամերը անմոռանալի կը մնան մեր հայրենական օրերու տպաւորութեան եւ յիշողութեան մէջ: Ձեր տան մէջ սարքուած իւրաքանչիւր սեղան ազնիւ եւ ջինջ հոգիի արտայայտութիւնն էր: Ուտելիքէն աւելի ոգին է կարեւորը: Ու Ձեր տան իւրաքանչիւր հիւրասիրութեան մէջ այդ ոգին ներկայ էր: Ես սիրեցի նաեւ Ձեր տունը: Արտաքին շքեղութեան հետ ներքին բովանդակութեամբ: Նահապետական մթնոլորտով: Որքան ուրախ էի, որ արուեստագէտի մը տունն է: Այդ ոճով տուներ, արտասահմանի մէջ ընդհանրապէս կը կազմեն մենաշնորհը հարուստներուն: Մաղթանքս այն է, որ հոգիով հարուստ ձեր տան մթնոլորտը նոր թռիչքներ շնորհէ Վերային, որ իր ասմունքի արուեստով, ազնուացնէ մարդոց հոգիները: Մենք, սփիւռքի Վերայի բարեկամները, խանդավա՛ռ ենք իր արուեստով եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրեն: Մեծ յաջողութիւն մանաւանդ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 60-ամեակի նուիրուած իր յայտագրին: Ափսոս, որ մենք զրկուած պիտի մնանք, եթէ մինչ այդ հրաշք չպատահի եւ նոյն յայտագրով հանդէս չգայ նաեւ Լիբանանի մէջ: Մենք լաւագոյն տպաւորութիւններ կրեցինք նաեւ Կարլենէն:

Շնորհակալութիւն այն բոլոր հիւրասիրութիւններուն համար, որ ազնուաբար ցուցաբերեցիք: Ցտեսութիւն, մինչեւ յաջորդ հանդիպում: Բայց մինչեւ յաջորդ հանդիպում կ’ակնկալեմ որ Վերան ԱՆԳԻՐ ասմունքէ իմ բանաստեղծութիւններէս մէկը կամ երկուքը:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Սարգիս Նաճարեանին

 

[Պէյրութ,] 13 Փետրուար 1982[ccxcvii]

 

Յարգելի ընկեր Սարգիս Նաճարեան.[ccxcviii]

Շաբաթ օր մշակութային էջի ընթերցումը զիս դրաւ գէշ անակնկալի մը առաջ: «Գոյներու բանաստեղծութիւնը» քերթուածէս վերցուած էր (Յարութիւն Թորոսեանի[ccxcix] ցուցահանդէսի այցելութենէն ետք) ենթախորագիրը, ինչ որ բանաստեղծութիւնը անդիմագիծ դարձնելով հեղինակին դնել ուզած իմաստէն զրկած էր:

Ժիրայր Նայիրիէն ստուգեցի, որ ինք վերցուցած կամ ջնջած չէ:

Կը դիմեմ քեզի լուսաբանութեան կարգով…:

Արդեօք իրապէս գրաշարական վրիպա՞կ է, մեքենական խանգարման հետեւա՞նք, թէ՞ պարզապէս արկած: Ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ լուսաբանես, որպէսզի ես ալ իմ կարգիս Յարութիւն Թորոսեանը լուսաբանեմ: Ցաւալին հո՛ն է, որ Յարութիւն Թորոսեան նախօրօք տեղեակ պահուած էր, որ քերթուածը կերպով մը իրեն ձօնուած էր: Ամօթ եղաւ: Գէթ վրիպակով մը դարմանենք:

Սիրով՝

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանին

 

[Պէյրութ,] 3 Նոյեմբեր 1982[ccc]

 

Սիրելի տիկին Բերկրուհի,

Պրուքլին.

Մեր ամերիկեան շրջապտոյտէն անցած են արդէն մէկուկէս ամիսներ: Վերադարձեր ենք մեր տունը: Բաւական ժամանակ առաւ, մինչեւ որ հանգչինք, խաղաղինք, հանդարտինք: Հիմա, որ մեր բոլորին սիրելի Լիբանանն ալ խաղաղած է եւ լաւատեսութեան տրամադրութիւնները գերիշխող են, աւելի լաւ տրամադրութեամբ կարելի կ’ըլլայ գրել մեր հեռաւոր բարեկամներուն:

Ամերիկեան մեր շրջապտոյտի տպաւորութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Ձեր հետ մեր հանդիպումները, ազգային, կրթական եւ մտաւորական հարցերու շուրջ մեր զրոյցները: Անմոռանալի օր կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ այն ճոխ ընդունելութիւնը, որ կազմակերպեցիք Ձեր տան մէջ: Երեկոն անմոռանալի դարձնողը տիրող ոգին էր: Այդ օր բոլոր ներկաները գոհ ու երջանիկ վերադարձան: Չեմ կարծեր, որ միայն քիմքերը գոհացնող ճաշերն էին գոհունակութեան պատճառը: Ճաշերը ամէն տեղ կը գտնուին: Հետզհետէ հազուագիւտ դարձողը մարդկային հոգեկան աշխարհէն ճառագայթող ոգեկան բարեմասնութիւններն են: Առաքինութիւնները: Անոնցմով լեցուն մթնոլորտն է, որ ներշնչող էր Ձեր տան մէջ, սեղանին շուրջ: Այդ ապրումներով եւ ներշնչումներով թեւաւորուած՝ թամատայի պաշտօնը այնքան սրտալի կերպով կատարեցի: Եզրափակիչ խօսքիս յաջողութիւնն ալ ատոր կը պարտիմ: Անկեղծօրէն, այն ինչ որ կը զգայի՝ այդ է որ արտայայտեցի: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Նոյն անկեղծութեամբ ալ կ’ուզեմ գրել: Գրուելիք գրութիւններուս ցանկին մէջ ցուցակագրած եմ:

Մեզի համար նոյնպիսի բախտաւոր օր մը եղաւ նաեւ այն գիշերը, որ գիշերեցինք Ձեր տան մէջ: Մինչեւ անկողին մուտքը, դարձեալ ընթրիքի սեղանին շուրջ կայացած խօսակցութիւնները ընթրիքի ճաշերուն չափ համով էին…: Երկար տարիներու կարօտին գոհացում կու տային: Ուրիշ բան մըն ալ զիս չափէն աւելի յուզեց: Հանգուցեալ տոքթ. Ստեփանին յիշատակին հանդէպ տիկին Բերկրուհիին աւանդապահ հաւատարմութիւնը: Տիկին Բերկրուհիին մէջ իմ նկատած ուրիշ արժէքներէն մէկն ալ ան եղած է, որ ան այնքան գեղեցկօրէն ներդաշնակած է աւանդապահութիւնը արդիական մտածողութեան հետ: Ուսումը, զարգացումը շատ յաճախ կ’այլասերէ ենթական: Կը հեռացնէ աւանդութիւններէն: Ինչ լաւ է, որ տիկին Բերկրուհին հաստատ կը մնայ իր ըմբռնումներուն մէջ: Նոյնիսկ ամերիկեան միջավայրին մէջ: Տպաւորիչ էր նաեւ որպէս կեցուածք, միութենական կեանքի կառոյցին առողջ կշռոյթին համար, դեմոկրատական սկզբունքներու ջատագովումը, անհատին տալով հանդերձ իր տեղը: Հոն եւս համաձայն էի տիկին Բերկրուհիին հետ:

Ինչպէս հաւանաբար լսեցիք, մեր կրթական վերամուտը ուշ կը սկսի այս տարի: Համալսարանները սկսան արդէն: Ազատուհին երկու շաբաթէ ի վեր Պի. Եու. Սի. կ’երթայ: Արեւելքէն արեւմուտք տանող բոլոր ճամբաները բացուած են: Լիբանան վերամիաւորուած է: «Սահակեան»ի գործերով եւ մտահոգութիւններով կլանուած եմ: Ճիշդ մէկ շաբաթ վերջ՝ Նոյեմբեր 11-ին կը վերաբացուին դպրոցները: Այս շաբաթը դպրոցէն ներս յայտարարած եմ վերամուտի նախապատրաստութեան շաբաթ: Ուսուցչական բաժանմունքի ժողովները մանկավարժական լաւ մթնոլորտ մը ստեղծած են դպրոցէն ներս: Ձեր հետաքրքրութիւնները «Սահակեան»ի նկատմամբ զիս խորապէս յուզեցին: Բարեկամական են Ձեր զգացումները: Հ. Բ. Ը. Մ.ի մօտ որպէս «Սահակեան»ի բարեկամ շատ բարձր կը գնահատենք Ձեր ծառայութիւնները: Իմ փափաքս է որ այդպէս շարունակէք: «Սահակեան»ը շատ պէտք ունի Ձեր մակարդակով բարեկամներու:

Գրական աշխատանքներուս եւս սկսայ: Զիս ամենէն աւելի երջանիկ պահողը այդ է:

Սիլվան[ccci] յուսամ յաջող վերամուտ մը ունեցաւ: Մերինները տակաւին կը սպասեն:

Ամէն սպասում վերջ մը ունի: Լիբանանի պատերազմն ալ յուսանք այսպէս կը վերջանայ, ինչպէս ես ալ վերջացուցի իմ նամակս: Ամէն:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 10 Մարտ 1984[cccii]

 

Սիրելի տիկին Բերկրուհի [Նաճարեան-Սվաճեան],

Նիւ Եորք – Պրուքլին.

Նոր Տարուան առիթով ստացանք շնորհակալական քարթ նամակը: Ձեր անկեղծ արտայայտութիւններն ու գնահատութիւնը մեզ ուրախացուց[ին]: Շատ ուրախ չէին մեր պայմանները, երբ ստացանք Ձեր ուրախացնող գրութիւնը: Ակնարկութիւնս կ’երթայ լիբանանեան մեր առօրեային, որուն երկնակամարը դարձեալ գորշ ամպերով ծածկուեցաւ: Ահա՛ ամիսէ մը աւելի կ’ընէ դպրոցները փակ են, կացութիւնը ծանրօրէն վատթարացած է եւ ընտանեօք դատապարտուած ենք տունը մնալու: Անշուշտ աւելորդ է ըսել, որ այն քիչ տուներէն է, որ ազդուելով հանդերձ դուրսի կացութենէն, կը պահէ իր հոգեկան խաղաղութիւնը: Այդ հոգեկան խաղաղութիւնը կ’օգնէ, որ ստեղծագործական աշխատանքները շարունակուին տունէն ներս: Այս շրջանին զուգադիպեցաւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագրին բացակայութիւնը քաղաքէն: Զինք փոխարինելով, դժուար պայմաններու տակ կը խմբագրեմ թերթը: Ազգային, քաղաքական, մշակութային բովանդակութեամբ եւ լիբանանեան իրադրութեան նուիրուած անդրադարձումով առօրեայ սնունդ եւ ուղղութիւն կու տանք ժողովուրդին: Իւրաքանչիւր թիւ, որ ճաշակիս գոհացում տուող բովանդակութեամբ կը հրատարակուի, հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ: Հոկտեմբերէն ի վեր կը խմբագրեմ նաեւ շաբաթական մշակութային էջը: Բաւական լաւ ընդունելութեան արժանացած է ընթերցողներու կողմէ: Գարեգին կաթողիկոսն ալ վերջերս հանդիպման մը ընթացքին իր դրական տպաւորութիւնը փոխանցեց:

Մեր ալ ուրախութիւնները ոչ-նիւթական երեւոյթներէ եւ արժէքներէ կ’առնենք: Չեմ խօսիր «Սահակեան»ի մասին, որովհետեւ հայ դպրոցը իր ամենէն ողբերգական տնտեսական տագնապը կը դիմագրաւէ: Բայց վճռած ենք դիմադրել: Չեմ գիտեր հոն ի՞նչ կը մտածեն Հ. Բ. Ը. Մ.ի շրջանակները: Լիբանահայ դպրոցին օգնելու տրամադրութիւն տակաւին կա՞յ, թէ՞ ոչ: Անո՞նք ալ յոգնած են…: Աւելի չխօսիմ մեր ողբերգութեան մասին:

Անցեալ ամառ, ինչպէս գիտէք, Հայաստան տնօրէններու հաւաքը դրական անցաւ: Միակ անպատեհութիւնը ես հոն, ընտանիքս հոս՝ տեղացող ռումբերու տակ մնալն էր: Դասախօսութիւններ լսեցինք արժէքաւոր եւ հմուտ փրոֆ.ներէ: Ես անձնապէս վերանորոգուեցայ: Մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններու տրուած այցելութիւններ նոր տպաւորութիւններով համակեցին: Անձերու հետ հանդիպումներն ալ հարկաւ դրական դեր կատարեցին: Բայց այս անգամուան այցելութենէն ուրիշ կարեւոր նորութիւն մը ծնաւ անձնական կեանքիս համար: Անկեղծ բարեկամներ թելադրեցին, որ գրականութեան գծով թէզս պաշտպանեմ: Ակադեմիայի Գրականութեան ինստիտուտի տնօրէնին[ccciii] հետ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցայ եւ քաջալերական գտաւ: Վերադարձիս կարգ մը ձեւակերպութիւնները կարգի դրի եւ մօտերս պաշտօնապէս պիտի ներկայացնեմ: Ռոմէն Քոզմոյեանին հետ եւս խորհրդակցած եմ: Այս ամառ թէզիս վրայ պիտի աշխատիմ: Մինչեւ 1987 վճռած եմ գլուխ հանել: Առաջին անձն էք, որուն կը յայտնեմ այս լուրը: Հաւատալով, որ պիտի ուրախանաք:

Խոստացած էջս, Ձեզի նուիրուած, հրատարակեցի «Արարատ»ի մշակութային էջին մէջ: Լոս Անճելոս մեկնող բարեկամի մը հետ կ’ուղարկեմ այս նամակին հետ: Միայն մէկ օրինակ կրնայի խնդրել, որ Ձեզի հասցնէ: Եթէ հետագային ուրիշ օրինակներու պահանջքը զգաք, մօտս վերապահուած օրինակներ ունիմ:

Ազատուհին քաջալերելով՝ քանի մը յօդուածներու հեղինակ դարձուցի այս կացութեան մէջ: Վարդանանցի «Արարատ»ի թիւին մէջ Տիկնայք Փափկասունքի մասին գրեց, որ այսօրուան լիբանահայ իրականութեան թելադրուած պատգամ բաժինով, լաւ ընդունելութեան արժանացաւ:

Շաբաթէ մը ի վեր Ամերիկեան համալսարանը եւ Պի. Եու. Սի.ն բացուեցան: Բայց արեւելք-արեւմուտք սահմանագիծը կրկին փակուեցաւ: Թանգարանի ճամբան միայն բաց ըլլալուն՝ այնպիսի խճողում կը ստեղծուի, որ երեք ժամէն հազիւ կարելի կը դառնայ անցնիլ: Հիմա հիմնական խնդիրը Լիբանանի ժողովուրդին, յատկապէս անոնց որ[ոնց] գործը արեւմտեան կողմն է եւ մեր ընտանիքին, անցքն է: Կայ տակաւին պզտիկներու[ն] դպրոցի խնդիրը, որ տակաւին չէ բացուած, բայց մօտ օրէն բացուելու խօսք կայ: Այն յոյսը ունինք, որ մինչ այդ Լոզանի խորհրդաժողովը դրական արդիւնքներով կը վերջանայ եւ ճամբաները ամէն ուղղութեամբ կը բացուին: Արդեօք սա ինը տարիներու ընթացքին ինչե՜ր ըսես, որ չքաշեց ժողովուրդը: Իրապէս Լիբանան մնացող եւ դիմադրող ժողովուրդն է հերոսը:

Գիտեմ թէ Ձեր մտահոգութիւնը կը կազմէ Լիբանանի հայ գաղութը: Լիբանահայութեան տագնապը Ձերը կը նկատէք:

Մեր հարցերով շատ կլանեցի Ձեզ: Որովհետեւ այն կացութեան մէջ, որ մենք կ’ապրինք՝ այդպիսին է: Ղեկավարները հարկադրուած են լսելու: Ձե՛զ լսելու յոյսով կը փակեմ նամակս:

 

Անկեղծօրէն՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Յովհաննէս Չիլինկիրեանին

 

[Պէյրութ,] 15 Փետրուար 1984[ccciv]

 

Յարգելի պր. Յովհաննէս Չիլինկիրեան,

Իր օրին շնորհակալութեամբ ստացայ դպրոցին հասցէով ղրկուած եւ երեք անձերու մակագրուած՝ անձնապէս ինծի, Ժիրայր Նայիրիին եւ Գնէլ արք. Ճերեճեանին[cccv] Ձեր հեղինակած գիրքը Ռուբէն Սեւակի մասին՝ իր ծննդեան 100-ամեակի որպէս հրատարակութիւն:

Առաջին հերթին՝ կը շնորհաւորեմ գաղափարը: Անկասկած, որ հրատարակութիւնը դրական նպաստ կը բերէ Ռ. Սեւակի կեանքին եւ գրականութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններուն: Որոշ կէտերու շուրջ,– նահատակութեան, քաջարի կեցուածքին,– նորութիւններ կը սփռէ: Ես, որ անձնապէս Ռ. Սեւակի կեանքով եւ գրականութեամբ մօտէն հետաքրքրուած եմ, բաւական նորութիւններ կը պարունակէր Ձեր հատորը: Յամենայն դէպս, գիրքի[ն] մասին պիտի անդրադառնամ «Արարատ»ի մշակութային էջ մը նուիրելով անոր: Այդ էջով աւելի ամբողջականօրէն կը ծանօթանաք տպաւորութիւններուս:

Գնահատելի էր նաեւ Ռ. Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը Նիսի հայկական գաղութին մէջ, որուն թղթակցութիւնը պատկերազարդ եւ երեք շարունակելի յօդուածներով՝ Ատրինէ Տատրեանի[cccvi] ստորագրութեամբ, գոհունակութեամբ կարդացուեցաւ լիբանահայ ընթերցողներու կողմէ:

Կը գնահատեմ Ձեր ճիգը: Հայրենիքը եւս իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերաւ Ռ. Սեւակի 100-ամեակի յոբելինական տարուան: Բացի հայրենական մամուլին մէջ կատարուած անդրադարձներէն, գուցէ եւ ծանօթ է Ձեզի, որ Հայաստանի երիտասարդ գրականագէտ-քննադատներէն Ալեք Թոփճեան (անձնապէս բարեկամ ինծի) նուիրուած է լրջօրէն եւ գիտականօրէն Ռ. Սեւակի գրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան: Անցեալ տարի ինծի գրուած նամակին մէջ իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք «Արարատ»ի իմ խմբագրած բացառիկիս մասին, կարգ մը լուսաբանութիւններ խնդրած էր: Նամակով մը ղրկեցի: Այս առիթով իր նամակին մէջ կը տեղեկացնէր, թէ լծուած է աշխատանքի ամբողջ մենագրութիւն մը Ռ. Սեւակին նուիրելու: Խմբագրելու Ռ. Սեւակի 100-ամեակի յոբելինական հատորը: Եւ լոյս ընծայելու Ռ. Սեւակի «Նամականին»: Այս երեք գործերուն հրատարակութիւնները Երեւանի մէջ նշանակալից երեւոյթ է եւ արժանի յուշարձան-կոթող նահատակ, ինչպէս Դուք կը սիրէք կոչել՝ հերոս բանաստեղծի յիշատակին:

Շնորհակալութեամբ ստացայ նաեւ 1000 զուիցերիական ֆրանքի «չէք»ը: Զայն յատկացուցի երկու կարօտեալ աշակերտներու կրթաթոշակին, որոնք Լիբանանի ներկայ տնտեսական անձուկ պայմաններուն բերումով ի վիճակի չէին սահմանուած գումարը վճարելու:

Ձեր գիրքէն եւ յօդուածներէն դատելով այն տպաւորութիւնը կրած եմ Ձեր անձէն, որ կարեկից հոգի մը ունիք թշուառին կարօտութեան եւ տառապանքին հանդէպ: Այդ ոգիին արտայայտութիւնը կը համարեմ Ձեր նիւթական նպաստը, որ կարօտեալ աշակերտներու միջոցաւ կը հասնի հայ դպրոցին, որ այս օրերուն Լիբանանի մէջ կը դիմագրաւէ բազում եւ բազմապիսի դժուարութիւններ, որպէսզի կարենայ շարունակել[cccvii] իր ազգային-հայրենասիրական առաքելութիւնը: Ինչքա՜ն սփոփարար է, որ հեռուէն Ձեր նման գաղափարապաշտ եւ հայրենասէր հայեր օժանդակութեան ձեռք կ’երկարեն թեթեւցնելու համար հայ դպրոցին ծանր բեռը: Թոյլ տուէք այս առիթով կրկին անգամ յայտնեմ իմ շնորհակալութիւններս որպէս տնօրէն այն նուիրատուութեան համար, որ այս տարի եւս ազնուութիւնը ունեցաք կատարելու, անով բերելով Ձեր նպաստը մեր նիւթական դժուարութիւններու թեթեւացման:

Յայտնեմ նաեւ, որ 1986-ի Յունուարին լոյս տեսաւ արձակ բանաստեղծութիւններու մէկ հատորս՝ «Մայրիներու Արմատները», որ նուիրուած է Լիբանանին: Օրինակ մը կ’առաքեմ Ձեզի:

Յուսալով, որ կը շարունակուի մեր նամակագրական կապը, կը մնամ սիրալիր բարեւներով՝

Տնօրէն

[ստոր․՝ Պ. Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 23 Յուլիս 1985[cccviii]

 

Յարգելի պր. Յովհաննէս Չիլինկիրեան,

Շնորհակալութեամբ լսեցի գնահատանքդ Ռուբէն Սեւակի 100-ամեակին առիթով խմբագրած «Արարատ»ի էջերուս եւ գրած յօդուածիս մասին: Յայտնեմ, որ Ռուբէն Սեւակով ես հետաքրքրուած եմ վաղուց: Իր բանաստեղծի տիպարը ներշնչած է զիս: Իր մասին ուսումնասիրական փորձ մըն ալ կատարած եմ եւ հրատարակած՝ 1965-ի «Արարատ Գրական»ի մէջ: Ուսումնասիրութիւնս խորագրուած էր «Հայ Գրականութեան Բժիշկ Բանաստեղծը»: Նպատակ ունէի նահատակ հայ գրագէտներու նուիրուած հատոր մը հրատարակել, բայց չեղաւ: Եթէ նկատեցիք, «Արարատ»ի խմբագրած էջերուս մէջ անդրադարձած էի Ռուբէն Սեւակի մասին լոյս տեսած կարգ մը մենագրութիւններու Հայաստան տպուած, հայրենի գրականագէտներու կողմէ: Տեսա՞ծ էք, թէ՞ ոչ: Կը թուի թէ մօտէն կը հետաքրքրուիք Ռուբէն Սեւակով: 100-ամեակը Հայաստանի մէջ նշուած է: Հայրենի մամուլին մէջ այս առիթով տպուած էին կարգ մը անտիպ խորագրուած քերթուածներ եւ ֆրանսերէն գրուած նամակներէն քանի մը թարգմանութիւններ: Մտադիր եմ զանոնք Ձեր ղրկած լուսանկարներու[ն] օգտագործումով տպել «Արարատ»ի մէջ: Ձեր յօդուածները եւս շատ շահեկան գտած եմ: Նոր շարքը երբ տպուի «Արարատ»ի մէջ, կը կարդամ եւ կը յայտնեմ տպաւորութիւնս: Ինչ որ իր կեանքէն, իր մտերիմ պահերէն որպէս յուշ ու տպաւորութիւն կայ, կ’արժէ որ հրատարակէք: Անոնք կոչուած են կարեւոր նպաստ բերելու սեւակագիտութեան: Այսքան՝ Ռուբէն Սեւակի մասին:

Որքան ուրախ եմ, որ առանց անձամբ ծանօթ ըլլալու, հեռուէն պատկերացում ունիմ Ձեր մասին: Մեր կապը, անշուշտ, սկսաւ դպրոցով, երբ ստացանք Ձեզմէ աշակերտի մը համար ղրկած 1000 զուիցերիական ֆրանքի «չէք»ը: Անով Ձեր նպաստը բերիք Լիբանանի տասնամեայ պատերազմի աղէտէն վնասուած հայ կարօտեալ աշակերտի մը նիւթապէս օգնութեան: Եւ որքա՜ն շատ է անոնց թիւը Լիբանանի մէջ այս օրերուն: Տնտեսական տագնապի հետեւանքով գործազրկութիւնը իր անդրադարձը կ’ունենայ հայ աշխատաւոր ընտանիքներու տնտեսութեան վրայ: Այդ է պատճառը նաեւ, որ հայ դպրոցը Լիբանանի մէջ կը բոլորէ ծանրակշիռ հանգրուան մը: Մասնաւորաբար Ձեր սրտին մօտ եղող Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը, որուն աշակերտութեան մեծամասնութիւնը կարօտեալ ընտանիքներու զաւակներէն կը բաղկանայ: Հսկայական զոհողութիւններ կը կատարուին զայն կանգուն պահելու համար: Ինչքա՜ն յուզումնալից եւ միաժամանակ հպարտացնող էր այս տարուան երկրորդական բաժնի վկայականաց բաշխման հանդէսին, հակառակ բոլոր կարգի դժուարութիւններուն, 22 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու շրջանաւարտութեան պահը: Անոնք Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի յարկին տակ իրենց հայեցի դաստիարակութիւնը ստանալէ ետք կը մտնեն հայ ժողովուրդի ծառայութեան դաշտէն ներս՝ բերելու համար իրենց նպաստը հայապահպանման ճիգերուն: Դուք այդ հոգեպարար հանդիսութիւններու ներկայ գտնուելու պատեհութենէն զրկուած կ’ապրիք: Բայց այն նիւթական օժանդակութիւնը, որ կը կատարէք Ձեր ազգային խղճմտանքէն թելադրուած, մասնակից կը դարձնէ Ձեզ[cccix] մեր կրթական ճիգերու արդիւնաւորման: Առանց Ձեզի պէս նուիրեալ եւ մշակութասէր ազգայիններու, որքա՜ն դժուար պիտի ըլլայ մեր ճիգերու[ն] արդիւնաւորումը: Իսկ ազգային տեսակէտով ի՜նչ մեծ ծառայութիւն է այս օրերուն սփիւռքահայութեան հիմնական կռուանը հանդիսացող լիբանահայ գաղութը կանգուն, կենդանի եւ զօրաւոր պահելու գիտակցութիւնը: Հայաստանի հետ արտասահմանի այլ գաղութները եւս[cccx] այս գիտակցութեամբ շարժելու են: Լիբանահայութեան տկարացումը սփիւռքահայութեան ջլատումն է: Այս իրողութեան գիտակից են նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները:

Հակառակ Լիբանանի դաժան իրականութեան, մշակութային կեանքը կանգ առած չէ: Զարմանալի իրականութեան մը վերածուած է մեր կեանքը Լիբանանի մէջ: Մէկ կողմը ռումբեր կ’իյնան, միւս կողմը ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան: Այդ ձեռնարկներուն մէջ իր յատուկ տեղը գրաւեց «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը իր բարձր մակարդակով եւ հանդիսականներու թիւով:

Նախորդ տարիներու հետ բաղդատած՝ տարին ամբողջացուցինք ուսումնական ծրագրի աւարտումով:

Իմ գրած գործերէս, եթէ հետաքրքրուած էք, կ’ուղարկեմ Ձեզի, արձակ թէ բանաստեղծութիւն:

Սեպտեմբերին եթէ խանգարող որեւէ երեւոյթ չպարզուի, Հայաստան պիտի ըլլամ, որպէս նախապատրաստութիւն դոկտորական թէզի մը:

Յուսալով պահել Ձեր հետ նամակագրական կապը, մնամ յարգանքներով՝

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Զաւէն Պալայեանին

 

[Պէյրութ,] 19 Յունուար 1984[cccxi]

 

Յարգելի ընկեր Զաւէն Պալայեան,

Նախագահ Հայկական Ընթերցասրահի,[cccxii]

Գահիրէ.

Շնորհակալութեամբ ստացանք Նոր Տարուան Ձեր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները բովանդակող քարթը: Անով հաստատեցինք,[cccxiii] որ տակաւին չէք մոռցած մեզ: Ցանկալի ալ չէ որ մոռնաք: Մեր եւ մեր երկրին ապրած պայմանները թոյլ չեն տար, որ մեր բարեկամներուն նկատմամբ զգացած պարտականութիւնները կատարենք: Դարձեալ անապահովութեան հովիտին մէջ կը տուայտինք: Ատենը անգամ մը կոյր ռմբակոծումները ահուդողի կը մատնեն անպաշտպան քաղաքացիները: Երկրին տնտեսական վիճակը մտահոգիչ է: Գէշը հոն է, որ հեռանկար մը լուծումի՝ չի տեսնուիր: Իններորդ տարին թեւակոխեցինք: Ո՞վ կ’ըսէր թէ կրնային ինը տարի տեւել Լիբանանի դէպքերը: Բայց տեւեցին եւ մենք ալ դիմադրեցինք: Հակառակ մեր ապրած ամենօրեայ դժուարութիւններուն՝ չենք կորսնցուցած մեր լաւատեսութիւնը:

Արտասահմանի հետ մեր հաղորդակցութեան կապերը եթէ ամբողջութեամբ խզուած չեն, բայց թոյլ են: Օդակայանը յաճախ կը փակուի: Ուշացումով, բայց կանոնաւոր կը ստանամ «Ջահակիր»ը:[cccxiv] «Ջահակիր»ի միջոցաւ կը հետեւիմ նաեւ Գահիրէի հայ կեանքին հետ, Ընթերցասրահի ձեռնարկներուն, որոնք բաւական գնահատելիօրէն տեղի կ’ունենան՝ վառ ու կենդանի պահելով Հայկական Ընթերցասրահի 80-ամեայ աւանդութիւնները: Վերջինը հաւանաբար «Ջահակիր»ի 35-ամեակի ձեռնարկն էր, որուն տրուած համազգային բովանդակութիւնը ողջունելի էր: Կեցցէ՛ք: «Արարատ»ը արձագանգեց: Այդ օրինակը կը յղեմ Ձեզի: Նոյն թիւին զուգադիպեցաւ նաեւ երաժիշտ Եդուարդ Յակոբեանի[cccxv] մասին եղած արձագանգը: Յամենայն դէպս ես մտադիր եմ իրեն «Արարատ»ի մշակութային էջ մը նուիրելու:

Այս ամառ մօտ երկու ամիս Հայաստան էի տնօրէններու պատուիրակութեան հետ: Մենք որ սովորութիւն ունինք ամէն տեղ ընտանեօք ճամբորդելու, այս անգամ կինս եւ երկու մանչերս Պէյրութ մնացին ռմբակոծումներուն պատճառած սարսափին տակ: Անոնք եւս չեն մոռցած Ձեզ: Ազատուհին, Տիգրանը եւ Ռազմիկը կը բարեւեն Ձեզի եւ տիկին Լիւսիին:

Բարեւեցէք Հայկական Ընթերցասրահի մեր բոլոր ծանօթներուն եւ բարեկամներուն:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 5 Յունիս 1984[cccxvi]

 

Սիրելի ընկեր Զաւէն Պալայեան,

Գահիրէ.

Ձայն մը չելաւ ո՛չ քեզմէ եւ ո՛չ ալ երաժիշտ Եդուարդ Յակոբեանէն: Կ’ակնարկեմ «Արարատ»ի մշակութային էջերու այն զոյգ համարներուն, որոնք նուիրուած էին Եդուարդ Յակոբեանի երաժշտական վաստակին եւ «Ջահակիր»ի հիմնադրութեան 35- եւ նոր շրջանի 20-ամեակին: Հակառակ լիբանանեան պատերազմի առօրեային, «Արարատ»ի երկու համարներն ալ ղրկեցի «Ջահակիր»ի հասցէով: Անշուշտ վտանգը կար կորսուելու: Երբ ամիսներ ետք երկուքէդ ալ ձայն մը չելաւ, հիմա տարակոյս ունիմ, որ ձեռքերնիդ չհասաւ: Տարակոյսս փարատելու համար Ձեզմէ լուրի կը սպասեմ:

Մեր վիճակը այստեղ հետզհետէ յուսահատական կը դառնայ: Լիբանան մխրճուած է այնպիսի քաոսի մը մէջ, որ առայժմ լոյս մը չի նշմարուիր քաոսէն դուրս գալու համար: Արտագաղթը, ի հեճուկս ազգային կազմակերպութիւններու կոչերուն, կը շարունակուի: Լիբանանն ալ կ’երեւի Գահիրէի օրինակին պիտի հետեւի…: Երբեմնի բարգաւաճ Գահիրէի հայ գաղութէն ի՞նչ մնաց: Լիբանանի հայկական գաղութն ալ վտանգուած է:

Բաւական դժուար հանգրուանէ մը կ’անցնի Լիբանանը: Տնտեսութիւնը քայքայման ճամբուն վրայ է: Այս դժուար պայմաններուն տակ ինչքա՜ն դժուար է դպրոց ու թերթ պահելը: Բայց ի գին ամէն զոհողութեան վճռած ենք դիմադրել: Մինչեւ ե՞րբ՝ չեմ գիտեր:

Մեր ընտանիքն ալ ազդուած է լիբանանեան այս կացութենէն: Արեւելք-արեւմուտք անցքին[cccxvii] դժուարութիւնը կը վտանգէ Ազատուհիին եւ փոքրիկներուն ամէն օր քալելով անցքը: Անոնց դպրոցը կը գտնուի արեւմտեան Պէյրութ:[cccxviii] Բայց քաջաբար, փակ չեղած օրերը, կ’անցնին:

Ձեզմէ երբ լուր մը առնեմ, որ ստացած չէք «Արարատ»ի մշակութային էջերը, սիրով յանձն կ’առնեմ տաղտուկը զանոնք Ձեզի ղրկելու: Բարեւներ տիկին Լուսինին[cccxix] եւ տէր եւ տիկին Եդուարդ Յակոբեանին:

 

Սիրով՝

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

 

  1. Ճան եւ Շնորհ Պաշեաններուն

 

[Պէյրութ,] 17 Հոկտեմբեր 1982[cccxx]

 

Սիրելի Ճան[cccxxi] եւ Շնորհ,[cccxxii]

Նիւ ճըրզի.

Ամիսէ մը ի վեր վերադարձած ենք մեր երկիրը, մեր տունը: Ի՜նչ զուգադիպութիւն որ այսօր Ձեր սիրեցեալ հօր՝ Տէր Ղեւոնդ քահանայի քառասունքի հոգեհանգստեան օրը կը գրեմ այս նամակը: Կիրակի առաւօտ է եւ քիչ ետք հանդերձ ընտանեօք եւ գերդաստանով պիտի մեկնինք Ս. Վարդան եկեղեցին: Հինգշաբթի օր գացինք դիմաւորելու երէցկինը: Բարեբախտաբար, Պէյրութի օդակայանը իջաւ: Մինչեւ երէցկինին վերադարձը, եղբայրներդ վայելեցին մեր տան հոգածութիւնը, ինչպէս մենք եւ մեր պզտիկները վայելած էինք Ձեր հոգածութիւնը մեր ամերիկեան շրջապտոյտի ընթացքին:

Կը զգամ եւ կ’անդրադառնամ թէ որքան դժուար եղաւ քեզի համար, սիրելի Շնորհ, թանկագին հօրդ անժամանակ կորուստին կսկիծը ապրելէ ետք, հարազատներէդ բաժանումը: Բայց ուրախ եղիր, որ մինակ չես: Կողքիդ ունիս կողակիցդ՝ Ճանը: Սքանչելիօրէն կազմուած մարդկային տիպար: Կարծես քեզի համար ստեղծուած է: Դուն ալ՝ իրեն համար: Առանձին չէք, այլ իրարմով զօրաւոր միութիւն մը կը կազմէք: Իմ տպաւորութիւններս Ճանէն քանի մը առիթով արտայայտեցի հոն: Հիմա, հեռուէն երբ կը մտածեմ իր մասին, տպաւորութիւններուս մէջ տիրականը կը մնայ գերազանցապէս իր նկարագրին մարդկայնական խորքը: Խորք ունեցող խորունկ երիտասարդ է Ճանը: Իրմէ լսած վերջին նախադասութիւնս եղաւ. Աստուած հետդ ըլլայ: Նմանապէս, Աստուած Ձեզ իրարու [հետ] պահէ մինչեւ խոր ծերութիւն:

Լիբանան կարծես իր հանդարտութիւնը եւ խաղաղութիւնը գտնելու ճամբուն վրայ է: Անով մեր ալ լաւատեսութիւնը աւելի պայծառացած է Լիբանանի հանդէպ: Դպրոցներու վերամուտը քիչ մը ուշ պիտի սկսի, 4 Նոյեմբերին, բայց ես գալէս ի վեր կրթական աշխատանքներու եւ պատասխանատուութիւններուս գլուխը անցած եմ: Երկիրը վերամիաւորուեցաւ: Ա՛լ արեւելք եւ արեւմուտք չկայ: Ամենէն աւելի այս վերամիաւորումէն պիտի օգտուին մօրաքոյրդ եւ ձագուկներս: Ազատ-համարձակ բոլոր ճամբաներէն կրնան անցնիլ: Տիգրանն ու Ռազմիկը անվերջ Ձեր խօսքը ըրին բոլոր այցելուներուն: Մանաւանդ Ճանին: Հիմա արդէն կարօտցած են եւ կը մտածեն թէ արդեօք ե՞րբ պիտի ըլլայ երկրորդ հանդիպումը: Հո՞ս, թէ՞ հոն: Մօրաքոյրդ գտնուեցաւ իրմէ ակնկալուած բարձրութեան վրայ՝ իրեն վստահուած ընտանեկան պարտականութիւններու կատարման ընթացքին:

 

Սիրով, Ձեզ միշտ յիշող՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 7 Յունուար 1983[cccxxiii]

 

Սիրելի Շնորհ եւ Ճան,

Նիւ Ճըրզի.

Նոր տարուան գրած առաջին նամակս է: Յուսամ լաւ սկիզբ մը կ’ըլլայ: Ես դեռ Հայկական Ծնունդի արձակուրդին մէջն եմ: Բայս այս նամակը կը գրեմ Ազատուհիին գրասենեակին մէջ: Այսօր տունը մաքրող կինը կու գայ եւ ես չեմ սիրեր այդ վիճակին մէջ գտնուիլ տունը: Յուսամ այսօր Ազատուհիին գրասենեակէն ներս արդիւնաւոր օր մը կ’անց[ը]նեմ:

Նախքան ուրիշ բան, Նոր Տարուան մաղթանքս ընեմ: Առաջին Նոր տարին ու Ծնունդն է, որ առանձին չէք, այլ՝ միութեամբ առանձին: Ասիկա իր խորհուրդը ունի: Վստահ եմ, որ ապրեցաք այդ խորհուրդը: Սիրոյ հիմնաքարին վրայ կազմուած ընտանիքի սրբութիւնը: Ի՛նչ կարելի է մաղթել նման ընտանիքի մը, եթէ ոչ սիրոյ պտղաբերումը: Ուրեմն, սիրելի Շնորհ եւ Ճան, Սիմոնեան ընտանիքը հանդերձ իր անդամներով՝ Պէպօ, Ազատուհի, Տիգրան եւ Ռազմիկ, կը մաղթեն Ձեզի երջանիկ ըլլալու բախտաւորութեան հետ, երջանկութեան աղբիւրը, ԶԱՒԱԿԸ: Լաւ կը յիշեմ, սիրելի Շնորհ, ամէն Նոր տարուան մաղթանքներդ մեր ընտանիքը զաւակներով բախտաւորուած տեսնելու: Մենք Տիգրանիկով եւ Ռազմիկով բախտաւորուեցանք: Ու քանի անոնք եկած են աշխարհ, իմ ներքին ոգեւորութիւնս բազմապատկուած է: Այս Նոր տարուան առիթով գրած եւ իրենց ձօնած արձակ էջս կ’ուղարկեմ քեզի, որ կարդաս եւ ուրախանաս: Վստահ եմ, որ Ճանն ալ ստեղծագործական նոյնպիսի ոգեւորութեամբ պիտի համակուի: Վերջին նամակին մէջ կը զգացնէ անիկա: Կը սպասենք բարի լուրերուն…:

Կեանքը մինչեւ Դեկտեմբերի կէսերը բնական ընթացքով կ’ընթանար: Փաշային մահուան պատրաստուած էինք: Իր հիւանդութեան երկար շրջանը նախապատրաստութիւն մըն էր: Բայց ինչ որ մեզ, մեր էութեամբ ցնցեց, Մինասին դէմ գործադրուած ոճիրն էր:[cccxxiv] Ամբողջ գերդաստանին կողմէ սիրուած բարի ու ազնիւ տղան էր: Մօտաւորապէս Ձեզի հասակակից: Շատ դժուար եղաւ իր մահուան իրականութեան հետ հաշտուիլ: 15 օրերու հեռաւորութեամբ, հայր ու տղայ, այսպէս անհետանալով, ընտանիքի մը քայքայման պատճառ հանդիսացան: Ճիշդ է, մենք շատ ցաւեցանք: Մեր ընտանիքին համար եւս շատ սիրելի էր Մինասը, բայց ամենէն աւելի մօրը[cccxxv] եւ տիկնոջը[cccxxvi] համար դժուար պիտի ըլլայ մխիթարուիլը: Մինասին մահը պատճառ եղաւ, որ տարին գէշ վերջաւորութիւն ունենայ: Ես տունը առանձին անցուցի Կաղանդի գիշերը: Ազատուհին եւ երկու մանչերս ներկայ գտնուեցան Զելային եւ Սեւակին անպաշտօն նշանախօսութեան, սեղմ շրջանակի մէջ, Արուսենց տունը: Ես տունը խորհրդածութեամբ անցուցի: Առաջին Նոր տարին է, որ կանուխէն անկողին մտայ: Ուտելիքով չյղփացուցի ստամոքսս: Բերնիս անուշութիւնը չդառնացուցի որեւէ ոգելից խմիչքով: Շատ հանգիստ էի: Ամերիկայէն վերադարձէս ի վեր ամբողջովին հրաժարած եմ նաեւ ոգելից խմիչքի գործածութենէն:

Հայ կեանքը տխուր եւ ձգտուած պահող միջադէպ մըն ալ տեղի ունեցաւ: Նոր տարիէն երկու օր առաջ անծանօթներու կողմէ առեւանգուելով անհետացաւ Աբրահամ Աշճեանը:[cccxxvii] Գուցէ անունը քեզի ծանօթ է: Հայութիւնը խռովեցաւ: Անապահովութեան եւ վախի մթնոլորտի մէջ անցաւ հայկական Ծնունդը: Հայութեան թշնամի ուժերը կը գործեն: Աստուած բարին ընէ:

Մենք հայկական Ծնունդի պատարագին Ս. Յարութիւն[cccxxviii] ներկայ եղանք: Մեր մանչերը հոն պարտականութիւն ունէին: Յետոյ, կէսօրուան ճաշէն ետք, Մինասենց տունը այցելեցինք: Ընտանեկան միւս բոլոր այցելութիւնները ջնջեցինք: Ո՛չ սիրտ կար, ո՛չ տրամադրութիւն:

Ճանին նամակը եւ քու շնորհաւորական եւ ցաւակցական քարթդ զիս անձնապէս խորհրդածութեան մղեցին: Ինչ կը վերաբերի երկրորդ կեանքին, նոյն տեսակէտին վրայ կը մնամ: Չեմ մտածեր այդ մասին: Ես հոս կ’ապրիմ կեանք մը, որ զիս չամչցնէ: Անկէ անդին ԻՐ գիտնալիքն է զիս ո՛ւր կը ղրկէ: Ինչպէս ասկէ առաջ ըսած եմ, Ճանը փիլիսոփայական խորք ունի: Իր նամակին մէջ արտայայտած մտածումները շատ հետաքրքրական եւ խորունկ գտայ: Մասնաւորաբար իր գրելու արարքին մասին տուած բացատրութիւնը, նախքան հոգեւոր կեանքին դարձը: Աստուած իրեն այդ շնորհքը տուած է, պէտք է գործածէ: Մանաւանդ զինք ներշնչող ուրիշ շնորհ[cccxxix] մըն ալ իր կողքին կը գտնուի: Եթէ չեմ սխալիր: Աւետարանի գիտութիւնս այդքան խոր չէ, Քրիստոս խօսեցաւ նաեւ առակ մը, որ իր տաղանդները չգործածողին կը վերաբերի:

Ուրախ ենք, որ որոշած էք ամառը մեր կողմերը այցելել: Սկսանք ձեր տեղերը պատրաստել: Մասնաւոր հաճոյք եւ վայելք պիտի ըլլայ Ձեզ ընդունիլ[ը]:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 20 Հոկտեմբեր 1983[cccxxx]

 

Սիրելի Շնորհ եւ Ճան,

Նիւ Ճըրզի.

Անակնկալ ու մեծ լուրը անսահման ուրախութեամբ տարածուեցաւ: Յառաջիկայ տարի այս ատեն արդէն տէրը դարձած կ’ըլլաք զաւկի մը: Մեր բոլորին մաղթանքն ու աղօթքն է, ինչ որ ձեր ալ ցանկութիւնն է, իննամսեայ յղութեան շրջանը ողջ-առողջ բոլորելէ ետք, բնական երեխայի մը լոյս աշխարհ գալը ողջունէք: Քեզի երջանիկ մայրութիւն, իսկ Ճանին՝ հայրութիւն կը մաղթեմ: Փորձառաբար գիտեմ թէ այս շրջանն ալ իր հետաքրքրական երեսները ունի: Թէ՛ քեզի համար, որպէս մայրութեան նախապատրաստութեան շրջան եւ թէ՛ Ճանին համար հայրանալու շնորհքին տիրանալու նախօրեակ: Որքան մարդիկ կան, որ այդ շնորհքէն զրկուած կը մնան: Ինք անսահմանօրէն ուրախ պէտք է զգայ, որ Աստուած զինք արժանի տեսաւ: Բարով արժանանայ: Այսքա՛ն՝ այս ուրախ աւետիսին առիթով: Դեռ մօտաւորապէս տարի մը կայ այս մասին խօսելու եւ գրելու համար:

Այս նամակը շատ հապճեպով կը գրուի: Ուրիշ նամակով մը աւելի երկար կը խօսիմ: Միայն էականները գրի կ’առնեմ: Մեծ կարօտով միացայ ընտանիքիս: Կրնաք երեւակայել երեք շաբթուան ուշացումով երկուստէք զգացուող կարօտը: Իմ պարագայիս մտահոգութիւնն ալ միախառնուած էր, Լիբանանի կացութեան վատթարացումին պատճառով: Ինչ բարի մարդ եմ եղեր, կամ Աստուած զիս որքան կը սիրէ եղեր որ, Լիբանան հասած օրս իսկ զինադադար հաստատուեցաւ: Յամենայնդէպս, հոնկէ Ձեր մտահոգութիւնն ալ ապրեցայ: Մեծ փորձառութիւն էր Հայաստան այցելութիւնս: Աշխարհի բոլոր երկիրներէն կրթական մշակներու մեկտեղումը Երեւան գեղեցիկ պատեհութիւն մը հանդիսացաւ մարդկային փոխյարաբերութիւնը հարստացնող, որուն եթէ միացնենք հայաստանեան փորձառութիւնը, իր հանդիպումներով, այցելութիւններով, նոր ծանօթացումներով եւ հայագիտական գիտելիքներս ճոխացնող դասախօսութիւններով, կ’ունենաք ներդաշնակ համադրութիւնը հայաստանեան տպաւորութիւններուս: Մաղթելի է, որ օր մը Ճանն ու դուն ունենաք այդ փորձառութիւնը: Ամէն հայ պէտք է այցելէ Հայաստան: Տէր Սարգիս քահանայ Անդրէասեանին հետ լաւ յարաբերութեան մէջ գտնուեցայ: Եթէ առիթը ունենաս հանդիպելու իրեն, յայտնէ՛ թէ կը յիշեմ զինք:

Մօտ օրէն՝ Նոյեմբեր 2-ին վերամուտը կը սկսի: Անոր պատրաստութեան մէջ ենք:

Իր դժուարութիւններով հանդերձ՝ հաճելի, եթէ խաղաղութիւնը ամրանայ…:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 2 Յունուար 1984[cccxxxi]

 

Սիրելի Շնորհ եւ Ճան,

Նիւ Ճըրզի.

Նոր տարուան առաջին նամակս Ձեզի կը գրեմ: Անցեալ տարի ալ, կը յիշեմ, Նոր տարուան առաջին նամակս Ձեզի գրած էի: Լաւ նշան է: Կը զգամ թէ ինչ երկիւղած եւ խորհրդաւոր Ամանոր եւ Ծնունդ պիտի ըլլայ այս տարի Ձեզի համար: Այս ծնունդէն աւելի, գիտեմ, Ձեզմէ ծնունդ առնելիք էակը կը սպասէք: Մենք ալ կը սպասենք…: Մինչեւ հոս՝ յաջող ընթացք մը ունեցաւ: Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդին առիթով ի սրտէ կը մաղթենք, որ ամէն բան իր լրումին հասնի կատարեալ տնօրինութեամբ:

Մենք Ամանորը անցուցինք մեր տան մէջ, ձերոնք, Մայենք եւ Պաղսարեանենք: Զելան եւ Սեւակն ալ եկած էին, բայց անոնք Սեւակին ծնողքին տունը անցուցին: Ժամը 12-էն ետք այցելեցին մեզի: Տիգրանիս կարծիքով, լաւ Նոր Տարի մըն էր: Յաջորդ կէսօրին ալ Զելայենց հետ առինք ճաշը մեր տունը: Ես այսօր դպրոց ունէի: Նոր Տարուան արձակուրդ չկրցանք տալ այս տարի: Դեկտեմբերի մէջ այնքան շատ եղան պարտադիր արձակուրդները, որ ստիպուած եղանք կրճատել: Ուղղակի մեր վրայ չէին ռմբակոծումները, սակայն ապահովութեան վիճակը խանգարուած էր: «Սահակեան»ին տեղը զգայուն դիրք ունենալուն՝ դարձեալ ազդուեցանք, առանց վնասներու ենթարկուելու: Աւելի ծանրակշիռը տնտեսական տագնապն էր: Ճանը այս ամառ գաղափար մը ունեցաւ: Դառն փորձառութեամբ: Կը թուի թէ ա՛լ անգամ մըն ալ այս կողմերը ոտք չի դնէր: Հապա մե՞նք ինչ ըսենք, տաս[ն]երորդ տարին թեւակոխեցինք: Որոշած եմ երկու տարիէն Մային 80-ամեակը տօնել տանս մէջ: Մինչ այդ խաղաղած կ’ըլլայ նաեւ մեր երկիրը եւ դուք՝ Ճանը, դուն եւ ձագուկը մեր հիւրերը կ’ըլլաք դարձեալ: Բարի եկաք:

Հակառակ երկրին ապրած անապահովութեան եւ զանազան տագնապներուն, մեր տունը խաղաղութեան ովասիս էր եւ ստեղծագործական օճախ: Երբ ուրիշներուն դէմքէն եւ հոգիէն կը զգացուէին մտահոգութիւնն ու մղձաւանջը, մենք տան մէջ ստեղծագործական նոր թափ ստացած էինք: Ազատուհին գրեց «Մանուկները եւ մենք» յօդուածը եւ արդէն տպուած է «Արարատ»ի ամանորեայ բացառիկին մէջ, իսկ ես բացի ամէն շաբաթ «Արարատ»ի մշակութային էջը պատրաստելէս, նոր բանաստեղծութիւններ գրեցի:

Սպասելով Ձեր ԵՐԵՔի բարի լուրերուն,

 

Մտերմօրէն՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 20 Սեպտեմբեր 1985[cccxxxii]

 

Սիրելի Շնորհ եւ Ճան,

Նիւ Ճըրզի.

Երկար ատենէ ի վեր Ձեզի հետ նամակով չխօսելու կարօտին անդրադարձումով, նստայ գրասեղանիս առջեւ՝ սոյն նամակը գրելու համար: Ուրեմն՝ առաջին հերթին բարե՛ւ, Ճան, Շնորհ, Արամ-Ղեւոնդ: Դա՛րձեալ լաւ օրերու մէջ չենք: Անգութ պատերազմը մեզ կը շարունակէ պահել մտահոգ, շփոթահար եւ տագնապահար: Առաջին մեծ մտահոգութիւնս մօտալուտ վերամուտի թուականն է: Արեւելք-արեւմուտք ճամբաները փակ են եւ Հոկտեմբերին սկիզբը Ազատուհիին եւ մանչերուս դպրոցական վերամուտը կը սկսի: Ապահովութեան մտահոգութեան հետ կրկին իրարմէ բաժնուելու մտահոգութիւնը պաշարած է զիս: Ա՛լ չխօսիմ իմ դպրոցական վերամուտիս մասին, որ քրոնիկ մտմտուքներ ունի. վայրի անապահովութիւն, աշակերտական քանակի եւ տնտեսական տագնապ եւն.: Պիտի ըսես, դեռ ի՞նչ կը կենաք: Կը կենանք, որովհետեւ հաւատք եւ սէր ունինք Լիբանանի հանդէպ եւ նաեւ պատասխանատուութիւն: Այդ սիրոյ եւ հաւատքին վկայութիւնը պիտի կազմէ մօտերս լոյս տեսնելիք արձակ բանաստեղծութիւններու հատորս՝ «Մայրիներու Արմատները», որ քիչ մըն ալ փիլիսոփայական խորք ունի: Պիտի սիրես յատկապէս տասնհինգ գլուխներէն մէկը, որ կը կոչուի «Մայրիներու աղօթքը»: Ճանը պիտի չկարենայ վայելել լեզուական պատճառաւ: Որքան ալ փորձես թարգմանել, այդ վայելքը չի տար:

Մայրութեան բոլորանուէր շրջան մը լաւագոյն պայմաններու տակ կը յուսամ, կը բոլորես: Մի՛ մոռնար մայրենի լեզուն մայրական կաթին հետ ջամբելու: Յաջորդ մեր հանդիպումին հոս կամ հոն,– Արամ-Ղեւոնդը մինչ այդ լեզուի ելած կ’ըլլայ, ինչպէս ժողովրդական ասացուածքը կ’ըսէ,– հետս հայերէն լեզուով կը խօսի: Յետոյ ուշ կ’ըլլայ: Այժմէն սկսիր:

Ամառը Հայաստան այցելելու ծրագիրս չիրականացաւ: Երեւանէն օդանաւ չգալը, հաղորդակցութեան պակասը պատճառ եղաւ, որ մնամ: Գրական աշխատանքներով անցուցի ժամանակս: Հիմա արդէն կը պատրաստուիմ վերամուտի՝ իր բոլոր տաղտուկներով: Բնական պայմաններու տակ, տնօրէնութիւնը վարչական իր դժուարութիւնները ունի, իսկ պատերազմական առօրեայով շնչող երկրի մը մէջ՝ կրնաս երեւակայել: Ի՜նչ պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ: Առաջնորդութեանդ վստահուած աշակերտութիւնը ողջ-առողջ հաւաքել եւ ետ տուները ցրուել: Հապա՞ եթէ չցրուած՝ կոյր ռմբակոծումները սկսին: Ուսուցչութիւնը աւելի կը սիրեմ: Եւ երբեք չեմ դադրիր դասաւանդելէ: Բարձրագոյն երեք կարգերու գրականութիւնը ես կը դասաւանդեմ:

Տիկին Ալիս Քուրումեանին հետ Ձեզի ղրկած էի «Սահակեան»ի 60-ամեակի գրքոյկը: Յուսամ ստացաք: Ակնարկութիւն մը չկար, անոր համար կ’ըսեմ:

Ինչքա՜ն փափկանկատութիւն կը դնէք մեզի հետ ձեր փոխյարաբերութիւններուն մէջ: Ռազմիկին տարեդարձին առիթով շնորհաւորանքդ եւ նուէրդ ուրախութիւն բերաւ: Յառաջիկայ Կիրակի իր ընկերներով պիտի նշէ: Իր փափաքած ձեւով: Երէցը մնայուն կապի մէջ է մեզի հետ: Ազատուհիին արեւմուտք եղած շրջանին ինք զիս հոգաց: Շատ գոհ մնացի:

Էջս վերջացաւ: Ուրիշ առիթով աւելի երկար[cccxxxiii] գրելու խոստումով, կը մնամ սրտալի բարեւներով:

 

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 25 Սեպտեմբեր 1985[cccxxxiv]

 

Սիրելի Շնորհ,

Մօրաքոյրդ շնորհակալութեամբ կը ստանայ իր նախասիրութիւններուն եւ հետաքրքրութիւններուն գոհացում տուող գիրքերու եւ պարբերաթերթերու ծրարները: Որոշ չափով նախանձս գրգռելու աստիճան: Այս անգամ գիրքի փոքր պահանջ մը ես պիտի ներկայացնեմ. Նիւ Եորքի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմի առաջնորդարանէն լոյս տեսած Ռազմիկ Դաւոյեանի «Թորոս Ռոսլին» վէպը: Շատ շնորհակալ կ’ըլլամ, եթէ Պէյրութ եկողի մը հետ ղրկես:

 

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 9 Մարտ 1986[cccxxxv]

 

Սիրելի Շնորհ եւ Ճան,

Նիւ Ճըրզի.

Ձեր վերջին նամակին թէեւ կանուխ որոշած էի պատասխանել, բայց պարագաները այնպէս դասաւորեցին, որ ուշացնեմ նամակս: Ուշացումիս մէջ անպայման դեր մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի կացութեան նոր վատթարացումը: Շնո՛րհ, թէեւ այս մէկը կ’արդարացնէ վերջին նամակովդ արտայայտած մտահոգութիւնդ, բայց ես որոշած եմ անպայման տեսնել Լիբանանի նոր խաղաղութիւնը: Յունուարին պատահած դէպքերուն՝ շատ լուրջ վիճակներէ անցանք, բայց անմիջապէս ետք մենք մեզ վերագտանք: Ճիշդ է, ծանր է կացութիւնը: Իւրաքանչիւր բռնկում նախորդը կը գերազանցէ, ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւնը կը խախտէ, բայց ի՞նչ ընենք, մեր ճակատագիրն է: Պիտի մաքառինք մեր ճակատագրին դէմ: Տառապանք, անապահովութին, անձկութիւն, վախ, տագնապ, տնտեսա-ընկերային դժուարութիւններ ճիշդ է, որ մեր կեանքին ամենօրեայ ընթացքին մաս կը կազմեն, բայց տառապանքը մարդուն համար է: Մեր գողգոթան կ’ապրինք: Կը թուի թէ մեր յարութիւնն ալ նոյնքան փառաւոր պիտի ըլլայ…: Մենք լաւատեսութեամբ կը սպասենք Լիբանանի եւ իր անմեղ քաղաքացիներուն յարութեան օրը: Այսքան չարչարանքէ ետք ալ, կ’ուզենք վայելել յարութիւնը: Կարծեմ մեր արդար իրաւունքն է…:

Գիրքս լոյս տեսաւ: Նախքան 15 Յունուարի դէպքերը եւ անոր յաջորդող խառնակութիւնները մենք «Սահակեան»ի մէջ ունեցանք շքեղ ընդունելութիւն մը՝ իր տեսակին մէջ աննախընթաց, Փոլ Կիրակոսեանի[cccxxxvi] նկարչական ցուցահանդէսով, որ նուիրուած էր գիրքիս թեմաներուն: Ազատուհին այդ օր փայլեցաւ իր ելոյթով եւ հանդիսավարութեամբ: Առաջնորդ սրբազանը,[cccxxxvii] որ ներկայ էր մեզ յարգելու համար, շատ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ՝ զարմացնելով ներկաները: Բարձր մակարդակով ձեռնարկ մըն էր:

Ոչ միայն Լիբանանէն հեռանալու մասին չենք մտածեր, այլ[եւ] «Սահակեան»ի տնտեսական գոյութիւնը ամրացնելու համար, Մայիս ամսուան մէջ, տոքթ. Արշակ Գազանճեանն ու ես՝ հանգանակութեան արշաւ մը պիտի կազմակերպենք դէպի Ամերիկա: Ձեր կողմերէն ալ պիտի անցնինք: Պատրաստուեցէք զիս ընդունիլ…:

Հայ կեանքն ալ խռոված է կարգ մը սպանութիւններով եւ առեւանգումներով…:[cccxxxviii] Երեք շաբաթէ ի վեր Ազան եւ երկու մանչերս արեւմտեան Պէյրութ բնակավայր մը ապահովեցին եւ հոն կը մնան, շաբաթը անգամ մը միայն կ’անցնին: Շաբաթավերջը ընտանիքը միասին կ’անց[ը]նէ: Մայրդ զիս կը հոգայ: Գոհ եմ: Միջինքի առիթով Ազան խօսք առաւ կաթողիկէ կիներու ձեռնարկին: Բացառիկ տպաւորութիւն ձգած է իր խօսքը: 21 Մարտին առաջնորդ սրբազանը զինք հրաւիրած է «Հայ կինը եւ աւանդութիւնները» նիւթին շուրջ խօսելու համար՝ ազգային առաջնորդարանի մէկ ձեռնարկին, 21 Մարտին: Ես ընդհանրապէս Ամերիկա ճամբորդութեան նախապատրաստութեամբ զբաղած եմ: «Սահակեան»ին համար հիմնական նշանակութիւն ունի այս հանգանակութեան ձեռնարկը:

Գիրքս տեսնեմ որո՛ւ հետ կրնամ հասցնել Ձեզի: Մինչ այդ, կը սպասեմ քու ղրկելիք գիրքդ: Ճանը անշուշտ հայրական իր դերը լիովին կը կատարէ:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Գրիգոր Ջանիկեանին

 

[Պէյրութ,] 15 Մայիս 1984[cccxxxix]

 

Սիրելի Գրիգոր Ջանիկեան,[cccxl]

Երեւան.

Ուշ գրելս երբեք նշան չէ մոռացումի: Զայն աւելի պէտք է վերագրել մեր ապրած երկրին պատերազմական պայմաններուն եւ առօրեային: Ա. Համաշխարհային պատերազմը գիրքերէն ճանչցած էինք: Բ. Համաշխարհայինը հազիւ կը յիշենք. ես ծնունդ եմ 1937-ին: Բայց ահա Լիբանանի պատերազմը ինը տարիներէ ի վեր կ’ապրինք: Կ’ապրի՞նք թէ՞ կը տառապինք՝ միայն Աստուած գիտէ: Յամենայնդէպս, համաշխարհային պատերազմի պէս մեծ պատերազմ մը չէ, բայց աշխարհի ամենէն աղտոտ պատերազմներէն մէկն է: Դիմագիծ չունի, վերջ չունի: Բայց մենք ամենայն համբերութեամբ մեր յոյսը չենք կտրած Լիբանանէն: Հայկականութեան այս վառ օճախէն…: Յուսահատները ցաւ ի սիրտ կը մեկնին: Լիբանանի հայ գաղութը հայկական իմաստով կը տկարանայ:

Ուրախ եմ, որ այս ամառ Հայրենիք գտնուած օրերուս աւելի մօտէն ճանչցայ քեզ: Տանդ մէջ կազմակերպած հիւրասիրութիւնդ երկու ուրիշ բարեկամով, գրողներ Կարէն Սիմոնեանի եւ Վահագն Գրիգորեանի[cccxli] ներկայութեամբ՝ յատկանշուեցաւ իր անկեղծութեամբ: Եր[ե]կոն իր զուարթութեամբ, սրամիտ արտայայտութիւններով, քաղցրահամ բաժակաճառերով իմ հայրենական անմոռանալի օրերէս մէկը կը մնայ: Այդ օր ինծի համար հետաքրքրական եղաւ յայտնութիւնը նաեւ քու ծնողքիդ հայրենադարձ ըլլալուն Պուլկարիայէն եւ հոն ապրած շրջանին գաղափարական պատկանելիութեան: Ու այդ գծով քու հետաքրքրութիւններդ մեր կազմակերպութեան մասին զիս ուրախացուց: Չեմ գիտեր ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս այդ ուղղութեամբ պահանջներդ պիտի կարենամ գոհացնել: Առ այժմ մեր երկրին ապրած պատերազմական վիճակին պատճառաւ հաղորդակցութեան կապերը խզուած են: Ուզեցի անդրադառնալ այդ կէտին, որպէսզի հաստատես թէ տակաւին չեմ մոռցած:

Կտրուած ենք նաեւ հայրենի առօրեայէն: Ոչ մէկ թերթ կը ստանամ: Ատենը անգամ մը հաճոյքով կը կարդայի գրութիւններդ հայրենի մամուլին մէջ, ինչպէս ստորագրած յօդուածիս մէջ ընդգծած էի: Ի՞նչ նոր գործերու վրայ կ’աշխատիս: Ուրախ եմ, որ ամբողջութեամբ գրականութեան նուիրուած ես: Եթէ Սեբաստիոյ մանկապարտէզի ծնողական կոմիտէի նախագահի պաշտօնդ կը պահես տակաւին՝ ջերմօրէն ընկերուհի Վերոնիքային[cccxlii] բարեւէ՛: Բարեւէ՛ նաեւ ընկեր Կարէն Սիմոնեանին: Լաւագոյն մաղթանքներով՝ մինչեւ յաջորդ հանդիպում:

 

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Յարութիւն եւ Ատրինէ Սաղըրեաններուն

 

[Պէյրութ,] 26 Սեպտեմբեր 1982[cccxliii]

 

Սիրելի տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան եւ ազնիւ տիկին Ատրինէ,

Լոս Անճելոս.

Երազի պէս շուտ անցան Լոս Անճելոս[ի] մեր ինը օրերը: Ժամանակը այնքան սահեցաւ, որ չզգացինք երբեք: Հիմա արդէն մեր տունն ենք, եւ ուրախ ենք, որ ողջ-առողջ վերադարձած ենք մեր երկիրը: Ոչ միայն մեր Լոս Անճելոս կեցութեան օրերը արագ սահեցան, այլ[եւ] մեր վերադարձէն ետք, Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւնները արագ զարգացում ապրեցան: Աստուած բարին ընէ: Այդ ակնկալութեամբ կը սպասենք…:

Երբ կը մտաբերեմ Ամերիկայի մեր շրջապտոյտի տպաւորութիւններու մասին, չեմ կրնար չյիշել Ձեզ, չմտածել Ձեր մասին: Անոր առաջին ապացոյցը այն է, որ առաջին գրած նամակներէս է նաեւ Ձերինը: Լոս Անճելոս մեր այցելութեամբ եւ Ձեր հետ հանդիպումներով ոչ միայն բարեկամական հին կապերը նորոգուեցան, այլ[եւ] ամրապնդուեցան: Գոհ մնացինք Ձեր վերաբերումէն, անկեղծութենէն, ազնիւ հիւրասիրութենէն եւ կազմակերպած հանդիպումներէն: Ձեր տան ընդունելութիւնը ներկաներու որակով թէ հիւրասիրութեան մակարդակով մինչեւ օրս կը յիշենք: Այնքան բարձր էր մեր տպաւորութիւնը: Տիկին Ատրինէ սիրտ դրած էր հիւրասիրութեան մէջ: Անոր մէջ էր քաղցրութիւնը: Իսկ տոքթ.ը որքան ազնուութիւն դրաւ ամէն անգամ մեզ ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու պարտականութեան մէջ: Թելէժամի եւ Հայկական Ռատիօժամի հարցազրոյցները միասին բերած ենք, յարմար առիթով մեր բարեկամներուն ներկայութեան պիտի դիտենք եւ ունկնդրենք: Առիթ մը պիտի ըլլայ Ձեզ անգամ եւս յիշելու:

Գրական խմբակի տղաքը չեմ մոռցած: Իրենց հետ ունեցած հանդիպումէս լաւագոյն տպաւորութիւնները հետս Պէյրութ բերած եմ: Պիտի յարգեմ նաեւ խոստումս՝ «Նաւասարդ» ամսագրի մասին անդրադառնալու: Կը սպասեմ յարմար առիթին:

Միակ տարակարծութիւնը, որ ունեցանք՝ Ալիսիա Կիրակոսեանի առնչութեամբ էր: Մենք, որպէս հիւր, գաղութի ներքին տարակարծութիւններէն եւ անհատներու անհասկացողութենէն պէտք է վեր մնայինք: Տարբեր հարց, որ Ալիսիա Կիրակոսեանին հետ մեր բարեկամութիւնը հին է: Տեղեակ ալ չէինք ձեր տարակարծութիւններուն պատճառներուն:

Այս անգամ՝ այսքան: Յաջորդ անգամ կը գրեմ աւելի մանրամասն տունի վերաբերեալ հարցերու մասին:[cccxliv]

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 19 Յուլիս 1983[cccxlv]

 

Սիրելի տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան,

Լոս Անճելոս.

Օգտուելով Շողիկ Փոլատեանի ձեր կողմերը տալիք այցելութենէն, գրի կ’առնեմ սա քանի մը տողերը, նախ ողջոյն մը տալու, ապա քեզ եւ զիս շահագրգռող հարցերու մասին կարգ մը տեղեկութիւններ փոխանցելու:

«Նաւասարդ»ի մասին գրած նշմարներս յուսամ գոհ ձգած ըլլալու է, որ «Մասիս»ի մէջ ալ արտատպած էիր: Արմէն Տոնոյեանին[cccxlvi] նամակ մըն ալ գրած էի, յուսամ քեզ տեղեակ պահեց: «Նաւասարդ»ի, բացի հոնկէ ստացած երկու օրինակներէս, ուրիշ որեւէ օրինակ չեմ տեսած: Լուր ալ չունիմ թէ կը շարունակուի՞, թէ՞ ոչ: Յամենայնդէպս, կը գնահատեմ[cccxlvii] ձեր գրական ճիգերը: «Մասիս»էն ալ քիչ օրինակներ տեսնելու առիթ կ’ունենամ, հակառակ անոր որ հոն եղած միջոցիս խոստացուեցաւ մէկ օրինակ ալ «Սահակեան»ի գրադարանին համար ղրկել: Վերջերս Գաբրիէլին ալ գրած էի այդ մասին: Յուսամ տեղ կը հասնին դիմում-խնդրանքներս: Ընկեր Վահրիճ Ճերեճեանն ալ վերջերս կը գանգատէր թէ գրած է հոն, որ զինք բաժանորդ նկատի ունենալով, «Մասիս» ղրկուի:

60-ամեակի արձագանգները «Սահակեան»ի մասին «Մասիս»ի մէջ դրական ու գնահատելի էին: Պէտք է ըսել, որ մեր կազմակերպութեան համար փառաւոր յաջողութիւններ հանդիսացան «Սահակեան»ի 60-ամեակի հանդիսութիւնները, որոնց եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին: Ես Օգոստոս 8-ին կը մեկնիմ Հայաստան՝ տնօրէններու պատուիրակութեամբ մը:

Ինչ կը վերաբերի տունի հարցին: Շատ անձեր մէջը մտած են: Ինծի տուած լիազօրագիրովդ եւ այլ փաստաթուղթերով ներկայացայ մուխթար[cccxlviii] Մելքոն Սեֆէրեանին՝[cccxlix] անմիջապէս որ հոնկէ վերադարձայ: Մուխթարը զգացուց թէ նման լիազօրագիր մը իրաւական ոչ մէկ հիմք ունի: Յետոյ ձեր ժառանգական թուղթին համար ալ յայտնեց, թէ պետական ճանաչումի կը կարօտի: Ինք ապահոված է Տուզճեաններու «ուաքալէ»ն:[cccl] Վերջերս լսեցի թէ քեզի հետ ալ թղթակցութեան մէջ է տունի հարցով: Կը խորհիմ թէ ամենէն ճիշդ անձն է ի պաշտօնէ զբաղուելու եւ իր լրումին հասցնելու տունի[ն] հարցը: Մինչ այդ, եթէ նորութիւններ այս առնչութեամբ, գրաւոր կամ բերանացի, Շողիկին հետ ղրկես՝ գոհ կը մնամ:

 

Միշտ սիրով եւ բարեկամաբար՝[cccli]

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 21 Փետրուար 1984[ccclii]

 

Սիրելի տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան,

Լոս Անճելոս.

Այս թուականով գրուած նամակ մը ե՞րբ ձեռքդ կը հասնի այս կացութեան մէջ՝ չեմ գիտեր: Ակնարկութիւնս հասկցար հարկաւ: Օդակայանը ամիսէ մը ի վեր փակ եւ երկիրը մէկ ծայրէն միւսը անշարժացած է: Քաղաքական կացութիւնը ծանրակշիռ է: Երկրին տնտեսութիւնը փլուզումի վտանգը կ’ապրի: Հայութիւնը կը մնայ նոյն դիրքերուն վրայ: Իսկ մենք «Արարատ»ը միայն հրատարակելու ճիգը կը կատարենք: Քաղաքական գետնի վրայ որոշ շփումներով կը զգացնենք մեր ներկայութիւնը: Լիբանանեան առօրեան այնպիսի դժուարութիւններով լեցուն է, որ նախաձեռնութիւններէ կը զրկէ: Անապահովութեան պայմանները մէկ կողմէ, միւս կողմէ տնտեսական տագնապը կու տայ գաղափարը Լիբանանի մարդկօրէն անշնչելի կացութեան: Լիբանանէն նոր հայեր հաւանաբար մտածեն գաղթել ձեր ափերը: Յովհաննէս Հաննէսեանը իր տիկնոջ եւ զաւակին հետ արդէն ճամբայ ելած են ձեր կողմերը գալու համար: Մինչեւ այս նամակին ձեռքդ հասնիլը[cccliii] գուցէ տեսնուած կ’ըլլաք: Բարի եղիր բարեւելու իրեն:

Լիբանան մնալ որոշածներէն եմ՝ հակառակ անձնական կեանքիս դժուարութիւններուն: Գլխաւորած հաստատութիւնս նիւթական հսկայական դժուարութիւններու առջեւ կանգնած է: Այն յոյսը ունինք, որ խաղաղութիւնը հաստատուելու եւ ամրապնդուելու պարագային, կրնայ բարելաւուիլ նաեւ «Սահակեան»ի նիւթական վիճակը: Քաջալերելով եւ գնահատելով հանդերձ նորակազմ ձեր գաղութի[ն] աշխուժութիւնը, կը մնամ Լիբանանին կառչած մնալու տեսակէտին վրայ: Հայկական սփիւռքի ապագային համար Լիբանանը, պիտի ուզէի ըսել՝ խաղաղած Լիբանանը կրնայ կեդրոնի հանգամանքը պահել: Լաւատեսութիւն մը, որ գուցէ ուրիշներ, կամ դուն չբաժնէք: Ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ ո՞վ իրաւունք ունէր…:

1 Փետրուարին Ժիրայր Նայիրին Հայաստան մեկնեցաւ: Թերթին խմբագրական աշխատանքները ծանրացան իմ ուսերուս: Բնական է՝ դպրոցները եթէ փակ չըլլային, աւելի ծանր պիտի ըլլային տնօրէնութեան եւ խմբագրի միատեղ աշխատանքները: Մի՛ մոռնար, որ օրաթերթ է եւ ամէն օր որքան նիւթ կը պահանջէ ներքին բովանդակութեան համար: Արտաքին աշխարհէն խզուած ըլլալու հանգամանքը մեզ կը զրկէ սփիւռքահայ մամուլէն եւ հայաստանեան մամուլէն: Հետեւաբար կրնաս պատկերացնել ինչքան ճիգ անհրաժեշտ է լեցնելու համար ներքին էջերը: Այս բոլորը կ’ըսեմ, որովհետեւ խմբագրի հանգամանքովդ կրնաս դուն միայն պատկերացնել: Ղրկուած տրցակ մը «Մասիս» տոքթ. Ասատուր Կիւլվարդեանին հետ ստացանք եւ որոշ նիւթեր օգտագործեցինք: Ինծի համար առիթ մը եղաւ «Մասիս»ը աչքէ անց[ը]նելու: Ընդհանրապէս չեմ տեսներ «Մասիս»ը: Երբեմն միայն՝ պատահականօրէն: Հոն եղած ատենս թելադրեցի, որ օրինակ մըն ալ «Սահակեան»ին համար ղրկուի: Գոնէ այդ օրինակը կազմուելով կը մնար պատմութեան համար: Յամենայնդէպս, տեսած թիւերէս դատելով կը գնահատեմ խմբագրի ճիգդ եւ ճաշակդ: Նիւթերու այլազանութիւնը կարդացուող թերթ դարձուցած է «Մասիս»ը: Յարատեւութիւն կը մաղթեմ: Կը մնայ, որ որոշ չափի հաւասարակշռութիւնը պահուի զեղումներու պարագային՝ նկատի ունենալով թերթին կուսակցական բնոյթը: Օրինակ, Ա. Ծառուկեանի պարագային: Ես շնորհակալ եմ նաեւ, որ «Մասիս»ի գրական էջդ կը կազմես «Արարատ»ի իմ կողմէս խմբագրուող մշակութային էջէն: Գոհունակութիւնս այն է, որ մեր մամուլը յաճախ իմ մշակութային նշմարներս եւ այլ հասարակական յօդուածներս կ’արտատպէ: Միայն կ’ուզեմ յիշեցնել, որ ընդհանրական բնոյթի հարցերու շուրջ «Արարատ»ի խմբագրականները եւս արտատպես, որպէս կեդրոնական օրկան:

Ցաւով լսեցի տոքթ. Զաւէն Տոլապճեանին[cccliv] անժամանակ մահը: Մեղք եղաւ: Արժէք մըն էր, որ Հայաստան մնալու պարագային հայութեան աւելի օգտակար կ’ըլլար: Ի՞նչ եղաւ, տակաւին կը շարունակուի՞ն Գրական Խմբակի[ն] հանդիպումները: «Նաւասարդ»ը ինչո՞ւ չէք ղրկեր «Արարատ»ի համար: Ես գրեցի «Նաւասարդ»ի մասին: Նամակ մըն ալ յղեցի Արմէն Տոնոյեանին: Չէ՞ք փափաքիր ունենալ աշխատակցութիւնս: Ո՛չ մէկ արձագանգ «Նաւասարդ»ի մասին գրած նշմարիս եւ Տոնոյեանին գրած անձնական նամակիս: Կը թուի թէ մոռցուած մըն եմ արդէն Ձեզի համար: Հակառակը փաստող ո՛չ մէկ արձագանգ: Կը սպասեմ…:

Հասարակական հարցերը մօտաւորապէս սպառեցի: Կը մնան առտնին հարցերը:

Գաբրիէլ Մոլոյեանը իր նամակին մէջ, իսկ Տիրան Ճերեճեանը անձնապէս փոխանցեցին մէկ գանգատդ: Նեղուեցայ, որ, ուղղակի երկտողով մը չդիմեցիր ինծի: Ուրիշներու միջամտութեան կարիքը չկար: Մենք զիրար լաւ կը ճանչնայինք ու կը ճանչնանք: Որքան գիտեմ՝ տան վարձքին կը վերաբերի գանգատդ: Հաւատա՛, սիրելի տոքթ., չեմ գիտեր որո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի վճարեմ կամ վճարէի պիտի…: Դուն անցեալի փորձառութենէդ գիտես, որ շէնքին եթէ ոչ միակ, բայց ամենէն պարտաճանաչ վճարողներէն էի: Հիմա ալ պատրաստ եմ, բայց որո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի վաւերականութիւնը պահպանուի: Թէեւ սա ալ ըսեմ, թէ թելադրողներ եղան, որ չվճարեմ, նկատի ունենալով շէնքին ներկայ բարդ դրութիւնը: Հետզհետէ աւելի բարդացաւ ու կը բարդանայ: Չեմ գիտեր արդեօք մ[ու]խթար Մելքոն Սեֆէրեանին հետ կրցա՞ր որեւէ կապ հաստատել: Հիմա եթէ ինծի հարցնելու ըլլաս՝ ո՛չ մէկ պատկերացում կրնամ տալ քեզի: Շէնքը ծախելու հարցը առկախ կը մնայ այնքան ատեն որ երկու տէրերու օրինական ձեւակերպութիւնները չեն ամբողջացած: Միայն անձնապէս քու ներկայութիւնդ կրնայ բաւական հարց յստակացնել: Ան ալ այս պայմաններու տակ դժուար է կ’երեւի: Այս բոլորին վրայ աւելցաւ նաեւ շէնքին փլման ծրագիրը, որ պետութիւնը կը մշակէ: Չենք գիտեր՝ մօտաւո՞ր, թէ՞ հեռաւոր ապագային գործադրելի: Բայց, յամենայնդէպս, փլման տարաձայնութիւնները եւս կը դժուարացնեն շէնքին վաճառքը:

Դուն լիազօրագրով մը ինծի վստահած էիր նաեւ Գ. յարկաբաժինը: Իմ ձեռքս չանցաւ երբեք այդ յարկաբաժինը: Անցեալ տարի, կուսակցութեան գիտակցութեամբ եւ թելադրութեամբ, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան համար Հայաստանէն հրաւիրուած պարուսոյցին համար որպէս կեցութեան բնակավայր տրամադրուեցաւ: Իսկ անոր բացակայութեան՝ կուսակցական անձ մը բնակեցաւ: Այս տարի դարձեալ պարուսոյցին յատկացուած է: Մինչ այդ, եղբայրս, որպէս ատամնաբուժ վերադարձաւ Հայաստանէն: Քլինիքի պահանջքը ունի: Յաճախորդ է որպէս վարձակալ: Կուսակցութիւնը համաձայն գտնուեցաւ, որ եղբայրս Գ. յարկը վարձէ քեզմէ: Լիբանանի ներկայ պայմաններու[ն] տակ, տակաւին վախը կայ գաղթականով մը բնակեցուելու:

Ուստի պիտի խնդրէի ունենալ քու անձնական կարծիքդ: Առ այդ ընդունէ՛ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս քեզի եւ ընտանիքիդ, յատկապէս տիկնոջդ՝ Ատրինէին:

 

Սիրով եւ ընկերաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

 

  1. Սայատեան ընտանիքին

 

[Պէյրութ,] 16 Դեկտեմբեր 1982[ccclv]

 

Սիրելի Սայատեան ընտանիք[ccclvi]

Անդրանիկ, Վիքթոր, Սալբի, Խաժակ, Կարինէ,

Թորոնթօ.

Ակամայ թերացած կը զգամ պարտականութեանս մէջ: Մինչեւ հիմա գրած պէտք է ըլլայի Ձեզի: Եթէ չգրեցի, ուրեմն չկրցայ գրել: Ճամբորդութենէ վերադարձին գործերը կը խճողուին: Դեռ ամբողջութեամբ չեմ ձերբազատուած զբաղումներէս, բայց ըսի թէ զբաղումները վերջ չունին: Եթէ զբաղումներուն վերջանալը պիտի սպասեմ, ուրեմն հեռաւոր հարազատներուն հետ հաղորդակցութենէ պիտի զրկուիմ: Շատ մը զբաղումներ մէկդի հրելով կը գրեմ այս նամակը՝ յայտնելու համար նախ մեր ընտանիքին շնորհակալութիւնները Ձեզի, որ այնքան հարազատի զգացումներով եւ ջերմութեամբ վերաբերեցաք մեզի հետ: Չենք մոռցած այն պահերը, որ միասին անցուցինք Նիւ Եորքէն սկսելով, անցնելու համար Մոնրէալ եւ ապա Թորոնթօ: Անմոռանալի յիշատակներով լեցուն է Մոնրէալ-Թորոնթօ երկար եւ միատեղ մեր ճամբորդութիւնը: Մինչեւ օրս կը յիշենք Ձեզ: Անդրանիկը մօտէն ճանչնալու առիթ եղաւ: Պէյրութ եղած ժամանակ այսքան երկար միատեղ չէինք գտնուած: Լաւագոյն տպաւորութիւններով բաժնուեցանք: Մեր բախտաւորութիւնը այն եղաւ, որ Պէյրութէն առաջին հարազատներն էինք, որ դուք կ’ընդունէիք: Վիքթորին աչքերէն եւ հոգիէն կը ցայտէր այդ ուրախութիւնը: Որքան ուրախացանք Ձեր բալիկներուն աճումին հետ հայկականութիւնը տեսնելով: Մանաւանդ երբեմնի «Սահակեան»ի աշակերտուհի Սալբիին շնորհները հաստատելով: Աստուած Ձեզ ձեր զաւակներով պահէ պահպանէ: Մեր վերադարձին մեր տեսածները, մեր տպաւորութիւնները պատմեցինք: Ուրախացուցինք նաեւ ձեր հարազատները: Ի՜նչ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ Դամասկոս ալ մեզ հիւրասիրողը Գալուստը եղաւ: Իր տունը մնացինք քանի մը օր եւ մեզ ամէն տեսակէտով գոհ ձգեց:

Անշուշտ լսեցիր Վալանթինին մանչ զաւակով բախտաւորուիլը: Չափէն աւելի ուրախացուց ամբողջ շրջանակը:

Մենք ընտանեօք հանգիստ ենք, բայց վազքի մէջ: Նոր Տարին մօտ է, ուրեմն ընդունեցէ՛ք մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:

Սիրով եւ հարազատօրէն՝

Պէպօ Սիմոնեան եւ ընտանիք

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

 

  1. Սարգիս Մենակին

 

[Պէյրութ,] 10 Նոյեմբեր 1986[ccclvii]

 

Մեծայարգ տիար Սարգիս Մենակ,[ccclviii]

Աստ.

Լիբանանեան պատերազմի[ն] տեւողութիւնը եւ անոր առաջացուցած տնտեսական տագնապը հայ կարօտեալ ընտանիքներու քանակը բազմացուց: Այդ կերպով հայ դպրոցէն ներս աւելցաւ նաեւ թիւը չքաւոր սաներու, որոնք ի վիճակի չեն զգար դպրոցական սակը լրիւ հոգալու:

Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը չմերժելով կարօտեալ աշակերտներու դիմումնագիրները, զանոնք չզրկելու համար ուսման բարիքէն, իր աշակերտական ցանկին մէջ կարեւոր թիւ կազմեցին օգնութեան եւ բարերարի կարօտ աշակերտները:

Կարօտեալ աշակերտներուն դպրոցին ցոյց տուած օգնութեան բերումով պիւտճէին վրայ առաւել ծանրութիւն բարդանալով, կ’աւելնայ դպրոցին բացը: Որպէսզի կարելի ըլլայ պիւտճէին բացը թեթեւցնելով դպրոցին տնտեսական դժուարութիւնը հարթել, որոշած ենք կրթական գործը քաջալերող լիբանահայ տնտեսապէս բարեկեցիկ ազգայիններու դիմել, ունենալու համար անոնց նիւթական օժանդակութիւնը ի խնդիր հայ կարօտեալ աշակերտին օգնութեան եւ հայ դպրոցին նիւթական դժուարութիւններուն հարթումին:

Գնահատելով մեր համայնքէն ներս Ձեր ազգային հասարակական ծառայութիւնները եւ յաջողած առեւտրականի դիրքը մեր քաղաքին մէջ, կը դիմենք Ձեզի որ այս տարեշրջանին համար ստանձնէք կարօտեալ աշակերտի մը բարերարութիւնը երկրորդականի աւարտական դասարանէն, որուն կրթաթոշակի տարեկան սակն է 5500 լ. ո.:

Քաջալերուած հայկ. մշակութային ձեռնարկներուն եւ կրթական հաստատութիւններուն Ձեր ցարդ բերած նիւթական օժանդակութենէն, կը յուսանք, որ դրականօրէն կ’ընդառաջէք մեր դիմումին:

Նոր Տարուան սեմին ընդունեցէ՛ք մեր լաւագոյն եւ սրտագին բարեմաղթութիւնները առողջութեան եւ գործի ասպարէզէն ներս յաջողութեան:

 

Տնօրէն

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Յակոբ Սարգիսեանին

 

[Պէյրութ,] 3 Սեպտեմբեր 1985[ccclix]

 

Յարգելի պր. Յակոբ Սարգիսեան,[ccclx]

Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի շրջանակը եւ ես անձնապէս որպէս տնօրէն երախտագիտութեամբ լեցուն ենք Ձեր անձին հանդէպ այն իրապէս կրթանուէր եւ մշակութասէր ազգայինի վերաբերումին համար, որ ցոյց տուիր «Սահակեան»ի հանգանակութեան առիթով՝ Զուիցերիոյ հայկական գաղութէն ներս: Շնորհիւ Ձեր ճիգերուն այն բարերար անձնաւորութիւններով, որ օժտուեցաւ «Սահակեան»ը, մեծ նպաստ մը եղաւ դպրոցին համար նիւթական գետնի վրայ:

Անցնող տասը տարիներու ընթացքին, առանց արտաքին օժանդակութիւններու, Լիբանանի պատերազմի ահաւոր իրականութեան մէջ փուլ կու գար Լիբանահայ Դպրոցը: Բայց շնորհիւ Ձեր նման ազգայիններու Լիբանահայ Դպրոցին զօրավիգ կանգնելու ազնիւ տրամադրութեան, Լիբանահայ Դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Որպէս նախկին լիբանահայ քեզի ծանօթ է այն իրականութիւնը, որ լիբանահայ գաղութին յատուկ է սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ: Այսինքն ազգային, մշակութային եւ կրթական իմաստով: Այս շրջագիծէն ներս կ’ընդգծուի մասնայատուկ դերը «Սահակեան»ին՝ հայրենասիրական մակարդակի վրայ: Աւելի ընդլայնելու կարիքը չկայ, քանի դուն ինքդ քաջատեղեակ ես «Սահակեան»ի կատարած դերին:

Անձնական շեշտ մըն ալ դնելու համար նամակիս, յայտնեմ թէ Ձեզ կը յիշեմ Գրական Շրջանակի[ccclxi] օրերէն, երբ հոն կը յաճախէի գրական հետաքրքրութիւններէ մղուած: Չեմ գիտեր Դուք ալ արդեօք զիս կը յիշէ՞ք, թէ՞ ոչ: Ծանօթ է նաեւ ինծի Ձեր գրական խառնուածքը: Կը կարդայի Ձեր բանաստեղծութիւնները: Կապ կը պահէ՞ք հայ գրականութեան հետ: Կ’ուզեմ Ձեզի ուղարկել հրատարակութիւններէս, եթէ հետաքրքրուած էք:

«Սահակեան»ը տարին բոլորեց բնական պայմաններու տակ: Որքան ալ տարուան ընթացքին ռմբակոծումները անհանգստացուցին դարձեալ, բայց տարին իր լրումին կրցանք հասցնել՝ ամբողջացնելով ուսումնական ծրագիրը:

Սիրելի պր. Յակոբ Սարգիսեան,

Մեր նիւթական դժուարութեան հիմնական պատճառը աշակերտութեան կարօտեալ եւ աշխատաւոր ընտանիքներու զաւակներ ըլլալու հանգամանքն է: Մեծամասնութիւնը աշակերտութեան՝ նպաստընկալ եւ որդեգրուած աշակերտներ են: Լիբանանի պատերազմը բազմացուց գործազուրկներու թիւը: Ահա թէ ինչո՛ւ արտասահմանէն հասած ամէն օժանդակութիւն ինչ նախախնամական դեր կը կատարէ:

Այս տարի երկրորդական բաժինէն 22 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ շրջանաւարտ եղան ազգային հայրենասիրական կազմաւորումով: Կրնանք զանոնք նկատել յանձնառու հայերու նոր հունձք մը, որ կոչուած են «Սահակեան»էն ստացած իրենց հայեցի դաստիարակութեամբ խտացնելու սփիւռքահայութեան գիտակից հայերու շարքերը:

Լիբանանահայ գաղութի անցնող տարեշրջանի մշակութային ձեռնարկներուն մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւեց «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը: Սոյն յոբելինական հանդիսութեան առիթով խմբագրուած գրքոյկէն օրինակ մըն ալ կ’ուղարկեմ Ձեզի:

Յուսալով ունենալ մնայուն կերպով Ձեր բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը, կը մնամ յարգանքներով եւ շնորհակալութեամբ՝

 

Տնօրէն

Պ. Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

 

  1. Սամօ Սարգիսեանին

 

[Պէյրութ,] 1 Յուլիս 1985[ccclxii]

 

Սիրելի Սամօ,

Այսօր, որոշ չափով թեթեւնալով վերջացող կրթական տարեշրջանի աշխատանքներէն, մտածեցի գրել քեզի: Սխալ պիտի ըլլար ըսել ձերբազատուեցայ, որովհետեւ, իմ տնօրէնի գործս նոր կը սկսի: Մինչեւ Օգոստոսի վերջը, նուազագոյնը շաբաթը երեք օր երթալով դպրոց, յառաջիկայ տարեշրջանը պիտի կազմակերպեմ: Տնօրէնի գործը չի վերջանար… Երանի՜ կու տամ այն օրերուն, որ ուսուցիչ էի եւ Յունիսէն կը սկսէր արձակուրդս: Հիմա կը փնտռեմ, բայց ձեռքս չ’անցնիր: Գրող մարդուն համար որքան օգտակար են ամառնային արձակուրդի երեք ամիսները, գրականութիւն ընելու համար: «Սահակեան»ի նման բարդ դպրոց մը իր հոգերով եւ աննկարագրելի դժուարութիւններով թոյլ չի տար, որ ամառնային արձակուրդս զուտ ստեղծագործական աշխատանքի նուիրեմ: «Սահակեան»ը ղեկավարելը դժուար է ոչ միայն իր հոգերուն համար, այլ մարմիններուն անտարբերութեան պատճառաւ:

Ինչպէս գիտես, «Սահակեան»ի 60-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենար 14 Ապրիլին: Փառաւոր հանդիսութիւն մը եղաւ իր բանախօսական բաժինով թէ գեղարուեստական յայտագրով: Հանդիսութիւնը վերէն վար ոչ միայն իմ յղացումս էր, այլ կազմակերպչական գետնի վրայ իմ ուսերուս ծանրացաւ համադրական եւ հետապնդումի աշխատանքները: Միայն մտերիմ անձի մը՝ տիկնոջս ըսած էի, որ «Սահակեան»ի 60-ամեակը կազմակերպչական գլուխ գործոցս պիտի ըլլայ: Ուրախ եմ, որ եղաւ: Ամբողջ գաղութը խօսեցաւ այդ մասին: Չարախօսներ ալ եղան, որ աննշան թերութիւններ նիւթ դարձնելով խծբծեն: «Արարատ»ի մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւնը եթէ ստացաք, որոշ գաղափար մը կու տայ հանդէսի յաջողութեան մասին:

Գնահատանք չէի ակնկալեր, անոր վարժութիւնը ունիմ «Նոր Սերունդ»ի ատենապետութեանս օրերէն, երբ ամենէն գեղեցիկ ձեռնարկներն անգամ, լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ կը դիմաւորուէին: Բայց այն ինչ որ պատահեցաւ հանդիսութեան օրերուն կամ անկէ ետք, իրապէս փորձաքար մըն էր մարդիկը իրենց իսկական դիմագիծով ճանչնալու համար: Այն պահուն երբ ես ամբողջական նուիրումով լծուած էի «Սահակեան»ի յոբելեանը կազմակերպելու աշխատանքին, մարդիկ կռնակէս, հրաժարականս, որ նիւթական ահաւոր պայմաններուն լուծում մը չգտնելով իրենց տրամադրութեան տակ դրած էի, շահագործած են եւ լաւագոյն առիթ համարելով իրենց անձնական հակառակութեան եւ այլ … նկատումներուն համար հաշուեյարդար ուզած են կազմակերպել ինծի դէմ՝ փոխանակ ինծի հետ նստելով հրաժարականիս տուն տուող պատճառներու մասին խորհրդակցելու եւ եթէ ժամանակը եկած է՝ զիս ուրիշով մը փոխարինելու, միասնաբար կարգաւորելու իմ փոխարինումս: Եւ որովհետեւ զիս եւ վաստակս հաշուեյարդարի ենթարկելու անպարկեշտ տրամադրութիւնները զգացի, ամբո՛ղջ էութեամբս պայքարեցայ եւ յաղթեցի: Բայց կրնաս փորձառաբար գիտնալ թէ ինչ հոգեկան եւ ֆիզիքական ուժերու սպառում մըն է նման պայքար մը: Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն անդամներէն ոմանք դուրսէն մեղսակից էին դաւադրութեան, երբ Կեդրոնի ժողովին օրակարգի նիւթ եղաւ, միաձայնութեամբ մերժուեցաւ հրաժարականս: Ողջ մնան նաեւ ինծի եւ մեր հասարակաց ուղղութեան համակիր ընկերներն ու անձերը, որոնք զօրավիգ կանգնեցան: Գիտես, ես քեզի խօսած էի այդ մասին միասին ունեցած մեր մտերմական խօսակցութիւններու ընթացքին: Իմ փոխարինումս կ’ուզեմ կազմակերպել առողջ եւ «Սահակեան»ի աւանդութիւնները ինձմէ ետք շարունակուելու սկզբունքով:

Նման յաջորդութեան, ըստ հրաժարմանս առնչութեամբ ցուցաբերուած վերաբերումներու, համաձայն չեն, մօրուքաւորին գլխաւորութեամբ Հ. Կ. Բ. Մ.ի այժմու ատենապետն ու կարգ մը ոչ-կուսակցական անդամները: Մօրուքաւորը, տասը տարիէ ի վեր զիս հալածելէ ետք, նոյնպիսի անխղճութիւն մըն ալ ցոյց տուաւ այս առիթով, զիս բացայայտ կերպով նսեմացնելու չարամտութեամբ:[ccclxiii] Ինծի դէմ կը պայքարի՝ օր առաջ ինձմէ «Սահակեան»ի տնօրէնութիւնը ձերբազատելու համար: Դժբախտաբար, մօրուքաւորէն անկախաբար, նոյնպիսի կեցուածք ունէր նաեւ Վ. Ճ.ը:[ccclxiv] Մէկ տարբերութեամբ, որ կը փորձէր իբր թէ դիւանագիտութիւն խաղալ: Ամբողջութեամբ հիասթափուած եմ իրմէ: Մօրուքաւորը ինծի ծանօթ է հինէն: Բայց Վ. Ճ.ի պարագային անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ հայրենասիրական մեր գիծին հետ իր անհաշտութիւնը կամ մեր՝ իր անսկզբունք գիծին հետ տարակարծութիւնը կը փորձէ այս ձեւով արտայայտել՝ մեզ ճնշելու քաղաքականութեամբ: Ինչ որ հանգուցեալը ըրած էր Ժ. Ն.ին[ccclxv] համար:

Եթէ դուն հոս հաստատուած ըլլայիր, քանի մը տարի «Սահակեան»էն ներս միասին պաշտօնավարելով եւ գործակցելով, աւելի առողջ եւ նպատակայարմար պայմաններու տակ կարելի է[ր] կազմակերպել այդ հարցը:

Բաւական լուրջ տագնապէ անցաւ նաեւ Կեդրոնը քու մեկնումէդ ետք: Դիւանը ունենալով նաեւ գործակցութիւնը Վ. Ճ.ի հակաօրինական միջոցառումներով[ccclxvi] եւ նախաձեռնութիւններով, արդէն իր անհամերաշխութեամբ ծանօթ մարմինը դրին լուրջ դժուարութիւններու առջեւ: Համախոհ ընկերներու կեցուածքը զիրենք զգաստութեան հրաւիրեց: Որոշ ժամանակ մը ժողով չկարենալ գումարելէ[ccclxvii] ետք այս պատճառով, վերջերս սկսան ժողովները գումարուիլ: Երբ տակաւին Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները չէին սկսած, գլխաւոր օրակարգ ունէինք համագումարի կազմակերպումը: Հիմա կը մտածուի յետաձգել: Մօտերս հաւանաբար պաշտօնապէս կը փոխանցուի քեզի:

Մշակութային փառատօնը յետաձգուեցաւ: Հաւանաբար լուրը առիք արդէն: Ես Սեպտեմբերի սկիզբը Երեւան պիտի ըլլամ: Ընդունուած է հեռակայ կարգով թէզ պաշտպանել գրականութեան գծով: Նիւթը եւ ղեկավարը Երեւան այս այցելութեանս պիտի որոշուի[ն]: Ես որոշած եմ, եթէ իրենք ընդունին, վերադարձիս պիտի սկսիմ ուսումնասիրութեանս: Կը վերաբերի պոլսահայ բանաստեղծութեան նոր դպրոցին: Մօտերս տպագրութեան յանձնեցի նոր հատոր մը, որ աշնան լոյս պիտի տեսնէ: Նուիրուած է Լիբանանին՝ «Մայրիներուն Արմատները»: Արձակ բանաստեղծութեամբ եւ տասնհինգ գլուխներու տակ տուած եմ Լիբանանը, պատերազմը եւ Լիբանանի գեղեցկութիւնները:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան երգի-պարի համոյթը իր յաղթական ելոյթները ունեցաւ Գազինօ տիւ Լիպանի մէջ: Միաժամանակ «Շիրվանզատէ» թատերախումբը «Պատուի Համարը» բեմադրեց: «Արարատ»ի մէջ թատերախօսական մը գրեցի: Յիշեցի քեզ, որ ժամանակին կը գրէիր «Արարատ»ի մէջ: Յունիս ամսուն վերջը լիբանահայ մշակութային կեանքի[ն] մէջ յատկանշուեցաւ «Նոր Սերունդ»ի ձեռնարկներով:

Ամառուան քիչ արձակուրդի պահերէս պիտի օգտուիմ գրելու համար նոր բանաստեղծութիւններ՝ ամբողջացնելու համար «Ծառին Ճիչը» քերթուածներու հատորս: Դժբախտութիւնս կը սկսի այն ատեն, երբ չկարենամ գրել ու արտագրել:

Կը սպասեմ, որ դուն ալ այստեղէն վերադառնալէդ ետք ունեցած կեանքիդ մասին գրես: Գրես ինծի այն անկեղծութեամբ, որ կը յատկանշուի մեր բարեկամութիւնը: Ինչպէ՞ս է Անին: Յուսամ իրեն փոխանցեցիր մեր լուրերն ու բարեւները: «Շարժում»ը առայժմ չենք ստանար: Կը ղրկեմ նաեւ «Սահակեան»ի 60-ամեակի գրքոյկը:

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Կարէն եւ Անահիտ Սիմոնեաններուն

 

[Պէյրութ,] 2 Դեկտեմբեր 1983[ccclxviii]

 

Սիրելի Կարէն Սիմոնեան,

Գիտեմ, ուշացուցի նամակս: Վերադարձէս անմիջապէս ետք կը սպասէիր: Որոշած էի գրել, բայց չստացուեց, էլի՜…: Երկու ամսուան ճամբորդութենէ ետք, կուտակուած եւ զիս սպասող աշխատանքներ կային: Մէկ առ մէկ անոնց ձեռնարկեցի: Վրան գումարէ՛ ուշացած վերամուտի դպրոցական աշխատանքներու տաղտուկները: Ապա նաեւ՝ երկրէն ներս դարձեալ ստեղծուած անապահովութիւնը: Ամենէն ծանրը: Կրնա՞ս պատկերացնել, որ հազիւ դպրոցները սկսած, սկսան կոյր ռմբակոծումները: Հիմա պարտադիր արձակուրդի մէջ ենք: Ապահովութեան վիճակին վատթարացումը մէկ կողմէ, միւս կողմէ տնտեսական տագնապին ստեղծած մղձաւանջը կ’անդամալուծեն երկիրն ալ, ժողովուրդն ալ: Ժողովուրդի որպէս զաւակներ, մենք ալ ենթակայ կը մնանք երկրին ապրած ծանր ու տագնապալից առօրեային…: Իմ հիմնական մտահոգութիւնս կը կազմեն «Սահակեան»ն ու իր ուսուցիչները, որոնք անմիջականօրէն կը կրեն տնտեսական տագնապին հետեւանքները՝ ամսաթոշակ չստանալով: Տնտեսական գետնի վրայ, թէ աշակերտական քանակի տեսակէտով, հայ դպրոցը կանգնած է ծանրակշիռ տագնապի մը առաջ: Քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով ձեռք երկարած ենք, լիբանանեան պատերազմին ինն տարիներու ընթացքին, հայ դպրոցը կանգուն պահելու համար: Տուողն ալ յոգնեցաւ, առնողն ալ ուզելէ ձանձրացաւ: Հայ պուրժուազին կա՛մ կը մեկնի երկրէն, իր դրամագլուխը փրկելու եւ ապահով երկրի մը մէջ շահագործելու համար, կա՛մ ալ իր զաւակը կը ղրկէ օտար վարժարան, որ հայ դպրոցի սակագինէն տասնապատիկ աւելի սուղ է: Մի՛ հարցներ, կամ Միքայէլ Նալբանդեանը թող չի չարչարուի շիրիմէն անդին, որ ո՞ւր կը մնայ ազգային մտածողութիւնը:

Այս պայմաններու տակ եւ այս մտահոգութիւններու մէջ, կը ջանամ նաեւ գրականութիւն ընել, մշակութային էջ խմբագրել: Վերադարձէս ի վեր քանի մը լաւ էջեր խմբագրեցի: 17 Դեկտեմբերի համարը քեզի եւ Նալբանդեանին նուիրուած պիտի ըլլայ: Կը ղրկեմ, յետոյ ալ կը սպասեմ կարծիքդ ունենալ: Խմբագրելիք էջս, գիրքիդ մասին հանրային կարծիք կազմել տալու տեսակէտով, շահեկան պիտի ըլլայ: Քաղաքավարութեան համար չէր, որ դրական արտայայտուեցայ Միքայէլ Նալբանդեանի մասին գրած կենսագրավէպիդ մասին: Քանի մը տեղ անդրադարձայ այդ մասին: Ալֆոնսին,[ccclxix] Արշոյին,[ccclxx] որոնց փոխանցեցի նաեւ քու սիրալիր բարեւներդ: Յուսամ Արշօն, ըստ իր խոստումին, գրած նամակին մէջ յիշած էր: Գրիգոր Շահինեանը վերադարձէս ի վեր չեմ տեսած:

Նոյեմբեր 29-ի առիթով մշակութային էջ մը նուիրեցի Հայաստանին՝ Գիրի Հայրենիք թեմայով: Օգտագործեցի «Ս. Հայաստան»ի «Հայաստան՝ 3100 գրադարանի երկիր» նիւթերը: Դժբախտաբար, Դուք հոն «Արարատ» չէք տեսներ: Կոմիտէութիւնը կը ստանայ: Պիտի աշխատիմ, որ օրինակ մըն ալ Ձեր ամսագրին[ccclxxi] ղրկուի:

Յուսամ Վահագն Դաւթեանը առողջացած եւ ոտքի է արդէն: Կարդացի իր՝ Առնօ Բաբաջանեանի մասին գրած յօդուածը, մեծ երաժիշտին մահուան առիթով: Առնօ Բաբաջանեանին նուիրուած մշակութային էջիս մէջ կարգ մը հատուածներ արտատպեցի: Չեմ գիտեր կարդա՞ց արդեօք իր 60-ամեակին նուիրուած էջս: «Ս. գրականութիւն» ամսագրի թիւ իննին մէջ «Գիշերային Զրոյց Գրիգոր Նարեկացիին Հետ» քերթուածը երկու անգամ կարդացի խորունկ տպաւորութիւններով: Կրնաս փոխանցել տպաւորութիւնս:

Հայրենական տպաւորութիւններուս մէջ «Ս. Հայաստան» ամսագրի խմբագրութեան հետ հանդիպումը դրական էր: Ընկերներուս տպաւորութիւնն ալ նոյնն է: Աւելի ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ Վահագնն ալ ներկայ ըլլար: Հաճոյքով եւ բաւարարութեամբ կը հետեւիմ ամսագրի բովանդակութեան: Կը սիրեմ հոն տիրող ճաշակը: Մեր ազգային ժառանգութեան նուիրուած նիւթերը եւ Արդի Հայաստանը ներկայացնող էջերը: Այսպէս կը սիրցնեն Հայաստանը: Յուսամ արդէն հրապարակի վրայ է 11-րդ համարը: Մենք հոս ստացած ենք 10-րդ համարը: Կարծեմ 12-րդ համարին մէջ լոյս պիտի տեսնէին[ccclxxii] իմ երկու քերթուածներս:[ccclxxiii] Շնորհակալ եմ, որ կանխիկ վճարեցիր հոնորարս: Միշտ այդպէս եղած ես իմ նկատմամբ:

Մօտերս պիտի գրեմ Գրիգոր Ջանիկեանին եւ Վահագն Գրիգորեանին: Երկուքէն ալ լաւ տպաւորութիւններ ունիմ: Գրիգոր Ջանիկեանին տան մէջ մեր անցուցած երեկոն պատմական էր:

Ազատուհին, Տիգրանը եւ Ռազմիկը լաւ են: Տիգրանը կը շարունակէ իր ջութակի դասերը: Ընտանեկան մեր մթնոլորտը միակ խաղաղ ու ներշնչող անկիւնն է Լիբանանի մէջ: Հակառակ դուրսի աղմուկին ռումբերուն, մեր տունը ստեղծագործական իր մթնոլորտը կը պահէ: Գրիգորն ալ միացաւ: Այժմ փնտռտուքի մէջ է: Պայմանները այժմ թոյլատու չեն, բայց բոլորովին ալ յուսահատական չեն:

Մեծագոյն նորութիւնը ձեր ընտանիքին՝ երկու աղջիկներուդ ամուսնութիւնն էր: Նորութենէն մեզ տեղեակ չէիք պահած: Թող երջանիկ ու բախտաւոր ըլլան: Իսկ Անահիտն ու դուն զգացէք այնպէս, որ նոր ամուսնացած էք…: Մենք դեռ ժամանակ ունինք այդպէս զգալու:

 

Սիրով եւ եղբայրաբար՝

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 12 Յունուար 1985[ccclxxiv]

 

Սիրելի Կարէն եւ Անահիտ Սիմոնեան,

Երեւան.

Նախ շնորհաւորեմ Ձեր Նոր Տարին: Յուսամ հայրենի հողին վրայ Ամանորը անցուցիք աւանդականօրէն հայկական մթնոլորտով: Կերուխումով եւ ճոխ սեղաններու շուրջ: Չեմ գիտեր՝ մեծ հայր եղա՞ր, թէ՞ ոչ: Եթէ այս Ամանորին թոռնիկներդ սեղանիդ շուրջ չհամախմբուեցան, մաղթեմ, որ յառաջիկայ Նոր Տարիին բախտաւորուիս թոռնիկներով նշելու Ամանորը: Ստեղծագործական նոր աշխուժութիւն կը մաղթեմ քեզի: 1985 տարին քեզի համար իրապէս ըլլայ գրական նոր ստեղծագործութիւններ երկնելու տարի մը: Կը հաւատամ, որ ի վիճակի ես, քանի խաղաղ երկինքի տակ կ’ապրիս եւ տաղանդ ունիս: Ի՞նչ եղաւ Միքայէլ Նալբանդեանի ռուսերէն հրատարակութիւնը:[ccclxxv] Լոյս տեսա՞ւ: Գրեթէ հայրենական լուրերէն զրկուած կ’ապրինք: Ո՛չ թերթ կը ստանանք, ո՛չ գիրք: «Սովետական Հայաստան» ամսագիրն ալ, ուր կը յուսամ կը շարունակես մնալ խմբագրի տեղակալ, առիթը չեմ ունենար տեսնելու: Եթէ կարենաս քանի մը թիւ միատեղ՝ եկող հասարակաց բարեկամի մը հետ ղրկել, շատ գոհ կը մնամ: Վահագն Դաւթեանին յայտնէ՛, որ կը փափաքիմ ունենալ բանաստեղծութիւններու վերջին հատորը՝ «Լոյս Առաւօտի»ն: Կը թուի զիս բոլորովին մոռցած է: Վերջերս, պատահականօրէն ձեռքս անցաւ «Գրական Թերթ»էն թիւ մը: Հաճոյքով տեղեկացայ քու դասախօսութեանդ ծանուցումը, Գրողներու Տան մէջ, ժողովրդական համալսարանի ամպիոնին համար: Երանի թէ ես ալ ներկայ ըլլայի եւ ուսանողի մը պէս ունկնդրէի դասախօսութիւնդ, որուն նիւթը շատ շահեկան գտայ: Յուսամ կը տպուի դասախօսութիւնդ:

Ես մտադիր էի գալու Նոր Տարուան արձակուրդին Երեւան: Բայց չստացուեց, էլի: Տեղեա՞կ ես, թէ՞ ոչ՝ չեմ գիտեր՝ գիտական թէզ պաշտպանելու դիմումնագիրս ընդունուեցաւ: Հեռակայ կարգով պիտի պատրաստեմ թէզս: Բայց առաջին հերթին նիւթն ու ղեկավարը որոշուելու համար պէտք է գամ Երեւան: Եթէ Զատկին չեղաւ, անպայման ամառը:

Ռոմէն Քոզմոյեանը այժմ Երեւան կը գտնուի իր հօր[ccclxxvi] մահուան առիթով: Իր[են] հետ վերջին հանդիպումին խօսեցանք Միքայէլ Նալբանդեանի հայերէն հրատարակութեան մասին Պէյրութի մէջ: Կարգ մը քաղաքական անպատեհութիւններ զգացուց: Իրմէ ետք Արմէն Դարեանին հետ խօսեցայ: Արմէն Դարեանը ներկայիս հրատարակչականի մը հետ կ’աշխատի:[ccclxxvii] Ինծի թելադրեց, որ գրեմ քեզի՝ յայտնելու համար, որ ինք պատրաստ է Միքայէլ Նալբանդեանի հրատարակութիւնը ստանձնելու: Ռոմէն Քոզմոյեանը չվերադարձած՝ խօսիր այդ մասին, որպէսզի այս հարցը վերջնականապէս յստակացուի:

Մերոնք լաւ են: Մեր միակ հարցը երկրին խաղաղութիւնն է: Տակաւին պարբերաբար կը շարունակուին խաղաղութեան խախտումները: Չենք գիտեր ե՞րբ պիտի վերջանայ այս երկարաշունչ պատերազմը: Ստեղծագործական գետնի վրայ՝ գրելու վարժութիւնս կը պահեմ: Պատրաստ գործեր ունիմ, բայց չեմ համարձակիր հրատարակութեան մասին մտածել, որովհետեւ շատ սուղ են տպագրութեան պայմանները: Գրիգորը, մեր տան վերեւ, անցեալ Ապրիլէն ի վեր իր քլինիքը ունեցաւ: Սկսաւ գործել որպէս բժիշկ:

Բարեւէ՛ բոլոր մեր բարեկամներուն:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 29 Մայիս 1985[ccclxxviii]

 

Սիրելի Կարէն Սիմոնեան,

Երեւան.

Նամակդ ստացայ: Այս անմիջականութեամբ պիտի չպատասխանէի, եթէ այսօր Արմէն Դարեանը իր այցելութիւնը կրկնակիօրէն հաճելի դարձնող լուրով մը չգար մեր տունը: Հարցը կը վերաբերի Միքայէլ Նալբանդեանի մասին կենսագրավէպիդ Պէյրութ[ի] հրատարակութեան: Ռոմէն Քոզմոյեանն ալ վերադարձաւ, բայց իր[են] հետ անմիջապէս յարաբերութեան մէջ մտնելու պատեհութիւնը չունիմ, քանի արեւելեան Պէյրութը արեւմտեան Պէյրութին կապող ճամբաները փակ կը մնան: Միայն հերոսներն են, որ վտանգը յանձն կ’առնեն բաց անցքէ մը անցնելու: Այս պատճառով է, որ մեր ընտանիքն ալ բաժնուած կ’ապրի: Ես՝ արեւելեան Պէյրութ, Ազատուհին եւ մանչերս՝ արեւմտեան Պէյրութ: Ասով կրնաս գաղափար մը ունենալ մեր ապրած պայմաններու[ն] մասին: Ամէն օր դողով դպրոց կը հասնիմ, որ արդեօք ողջ-առողջ դպրոցական երեխաները պահելով կարելի պիտի ըլլա՞յ իրենց տուները հասցնել: Ողբերգութիւն եւ տառապանք միաժամանակ, որ չենք գիտեր թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի վերջանայ…: Լաւատես մարգարէները մօտալուտ լուծում մը կը նախատեսեն: Սպասումի մէջ ենք…:

Կարէն սիրելիս, հաճելի, գեղեցիկ եւ անակնկալ լուրը այն է, որ Արմէն Դարեանը, որ ինծի չափ փափաքողն է գիրքիդ Պէյրութ[ի] հրատարակութեան հարցով, յաջողած է ապահովել մանկա-պատանեկան մատենաշարի մեկենաս մը: Նամակը ստանալուդ պէս, եթէ կարելիութիւնները ներեն, անմիջապէս մեզի ուղարկէ՛ «Սովետական Գրող» մատենաշարին յանձնած բնագրիդ մէկ օրինակը կամ ֆոթօ պատճէնը, ինչպէս նամակիդ մէջ յայտնած էիր, որ այստեղի հրատարակութիւնը յար եւ նման ըլլայ Երեւանի հրատարակութեան: Մատենաշարի եւ մեկենասի կարելիութիւնը քսան պրակի, այսինքն՝ 320 էջի սահմաններուն մէջ է: Քու համամտութեամբդ եթէ Արմէն Դարեանն ու զիս լիազօրես տպագրական էջաթիւի այս սահմաններէն անցնող էջերդ յապաւել, զործին հրատարակութիւնը այժմէն կրնաս ապահով նկատել: Ճիշդ ասոր համար ալ անմիջապէ՛ս պատասխանդ կը սպասենք Արմէն Դարեանն ու ես: Ներկայացած առիթը չփախցնենք: Կերպ մը գտիր նամակդ հասցնել[ու]: Ես, Դարեանին լուրէն խանդավառուած, նոյն օրն իսկ այս նամակը գրեցի: Իմ ու Դարեանին կարծիքը այն է, որ համակերպիս: Այսքան՝ գիրքիդ Պէյրութ[ի] հրատարակութեան առնչութեամբ յայտնուած նորութեան մասին:[ccclxxix]

Շատ ուրախացայ ռուսերէնի գտած ընդունելութենէն: Ինչքան փափաքելի պիտի ըլլայ որ մէկ օրինակ մը ղրկուէր մեզի: Կը շնորհաւորեմ այս բացառիկ յաջողութիւնդ: Նամակիդ մէջ ուրիշ ուրախացնող լուր մըն էր Պէյրութ այցելութեան լուրդ: Կարելի՞ է այդ մասին աւելի մանրամասնութիւններ տալ: Ի՞նչ հանգամանքով պիտի գաս, որպէսզի ըստ այնմ նախապատրաստուինք: Գրական-ստեղծագործական ծրագիրներուդ մասին անդրադառնալդ լաւ նշան է, կը նշանակէ որ տրամադրութիւններդ լաւն են: Ինչպէ՞ս կրնան լաւ չըլլալ, երբ 150 հազար տպաքանակով տպուող բաղդաւոր հեղինակ դարձած ես…:

Ձմրան համար նախատեսուած այցելութիւնս չյաջողեցայ կազմակերպել, բայց անպայման այս ամառ, Սեպտեմբերի սկիզբը Երեւան կ’ըլլամ: Յայտնա՞ծ էի քեզի, թէ՞ ոչ՝ չեմ յիշեր, գիտութեան թեկնածուի թէզ պիտի պաշտպանեմ հեռակայ կարգով: Սեպտեմբերին պէտք է Երեւան ըլլամ ղեկավարիս հետ գործնական ձեւակերպութիւններու համար: Եթէ այդ շրջանին Երեւան գտնուիս, առիթներ շատ կ’ունենանք հանդիպելու եւ զրուցելու:

Տոքթ. Գրիգորը լաւ է, քլինիքը սարքած՝ ատամներ կը դարմանէ եւ ազատ ժամերն ալ հասարակական աշխատանքներու կը նուիրէ: Երիտասարդական կազմակերպութեան[ccclxxx] գլխաւոր պատասխանատուն է:

Ինչպէ՛ս եղած է, որ Մանոյի[ccclxxxi] մասին քեզի ոչինչ տեղեկացուցած ենք: Ուրախ եմ, որ ինքնաբերաբար ծանօթացած ես: Լաւ ու խոստումնալից երիտասարդ է:

Կը շնորհաւորեմ նաեւ թոռնիկդ: Մեծ հայր ես արդէն: Հայրութեան երկրորդ հանգրուանը կ’ապրիս: Ինչպէ՞ս են Անահիտին յարաբերութիւնները իր թոռնիկին հետ:

Մամուլ եւ գրականութիւն գրեթէ ոչինչ կը ստանանք Երեւանէն: Լիբանանեան պատերազմը միայն երկրէն ներս չէ որ ամէն ինչ քանդեց, այլ քանդեց նաեւ կենդանի ամէն կապ Մայր Հայրենիքին հետ: Կը յուսանք, որ այս ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան: Բայց Կարէն սիրելիս, ահա՛ տասը տարին անցաւ, մենք ալ միասին անցանք, եւ դեռ անողորմաբար կը շարունակուի Լիբանանի անորակելի պատերազմը:

Մենք պարտաւոր ենք լաւատես մնալու եւ այդ լաւատեսութիւնը նաեւ ժողովուրդին ներշնչելու…: Հայութեան ընդհանրական շահերը այդ կը պահանջեն…: Շարունակութիւնը՝ երեւանեան հանդիպումներու ընթացքին…: Մինչ այդ, արագ կարգով, նամակդ կը սպասեմ:

 

Եղբայրական հարազատութեամբ՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 1 Յունուար 1986[ccclxxxii]

 

Սիրելի Կարէն Սիմոնեան,

Նոր Տարուան առաջին գիրը թուղթին կը յանձնեմ քեզի գրուած այս նամակով: Այս առիթով Գիրի մարդէն Գիրի մարդուն ուղղուած ամանորեան մաղթանքը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ Գիրի ու Բանի ստեղծագործական բերրիութեան մաղթանքը: Տաղանդափայլ գրիչէդ թող նոր ակօսներ բացուին հայ գիրի անդաստանի էջերուն՝ այս տարուան ընթացքին:

Չեմ գիտեր, որ ասկէ առաջ այդ փորձառութիւնը ունեցա՞ծ ես, թէ՞ ոչ Նոր Տարի կ’անց[ը]նես սեփական օճախէդ հեռու՝ սփիւռքահայ հայրենակիցներու հայրենական կարօտը ջերմացնելու դերով: Որքան որ ճիշդ հասկցայ, հայրենի խումբ մը արուեստագէտներ կը գլխաւորես Ամման, Դամասկոս եւ Հալէպ ելոյթներ ունենալու յայտագրով: Գիտեմ թէ այս պայմաններու[ն] տակ Լիբանանը բացառուած է: Քու եւ մեր ցանկութիւնը այն պիտի ըլլար, որ Պէյրութն ալ մտնէր այցելութիւններու այս ցանկին մէջ: Բայց կամենալը եւ իրականութիւնը ուրիշ բաներ են: Մեր լիբանանեան իրականութիւնը տակաւին պատերազմական առօրեայով կը շնչէ: Եւ հակառակ, որ Կաղանդի գիշերը սեւով սկսաւ, բայց մեծ լաւատեսութեամբ կը սկսինք Նոր Տարին, վերջնական խաղաղութեան հասնելու յոյսով:

Նոր Տարուան առաջին օրը, երբ անկողնի մէջ մրափելով կը յամենայի տակաւին, սիրելի ու համակրելի Թորոս Թորանեանը այցելեց մեզի եւ Նոր Տարուան շնորհաւորանքի հետ, քու այցելութեանդ լուրը հաղորդեց: Ուրախացայ քու եւ իր այցելութեան համար: Պահ մը նոյնիսկ մտածեցի Հալէպ գալ քեզ տեսնելու համար, բայց կարգ մը ծրագիրներու մօտաւոր ըլլալու հանգամանքը կ’արգիլէ մտածումս իրականութեան վերածելու քայլը առնելէ:

Ժիրայր Նայիրին քեզմէ «Արարատ» օրաթերթի ամանորեան բացառիկին համար աշխատակցութիւնդ խնդրած է Երեւան: Թիւրիմացութեան մէջ ես, ըսած ըլլալով որ արդէն ինծի ղրկած ես: Լաւ պիտի ըլլար, եթէ ընդառաջէիր եւ աշխատակցէիր «Արարատ»ի բացառիկին:

Ինչ կը վերաբերի ծանօթ խնդրին: Արմէն Դարեանն ու ես անհամբերութեամբ կը սպասենք Նալբանդեանի կենսագրավէպի բնագրի այն օրինակին, որ խոստացար ղրկել այստեղի տպագրութեան համար: Վերջին նամակս այս առնչութեամբ Ռոմէն Քոզմոյեանին հետ ղրկեցի: Ամէն ինչ բացատրուած էր: Նամակին մէջ խնդրած էի, որ ռուսերէն հրատարակութենէն օրինակ մը ղրկես, որպէսզի ի հարկին նկարները օգտագործելու համար եւ ուրախանալու…: Ամառը երբ Մանօն եկաւ, յայտնեց թէ սփիւռքահայ ուսանողի մը հետ ղրկած ես: Հետաքրքրուեցայ այդ ուսանողէն. չէր բերած: Միայն չկրցայ հասկնալ թէ Դուն չէի՞ր յանձնած, թէ՞ ինք չէր ուզած բերել: Մանոյին եթէ յանձնէիր, աւելի ապահով կ’ըլլար գիրքիդ ձեռքս հասնիլը:

Հիմա իրականութիւնը այն է, որ ո՛չ ձեռագիրդ ունինք, ո՛չ ալ ռուսերէն հրատարակութիւնը: Քեզմէ ալ ո՛չ մէկ լուր կար, երբ Թորոս Թորանեանը այցելութեանդ լուրը բերաւ:

Եթէ երկտողով մը պարզես, գոհ կը մնամ: Թորոս Թորանեանը ինծի կը հասցնէ Հալէպէն:

Մինչ այդ, սպասելով երկտողիդ, կը մնամ ամենալաւ ցանկութիւններով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Վահէ Սիմոնեանին

 

[Պէյրութ,] 28 Դեկտեմբեր 1983[ccclxxxiii]

 

Սիրելի Վահէ,

Տարիէ մը ասդին մեզի հետ չես: Ինչպէս մեզի հետ չեն հայրդ եւ եղբայրդ:[ccclxxxiv] Կը ցանկանայի միամտօրէն, որ մեզի հետ կ’ըլլաս կամ մեզի հետ կ’ըլլայիր եղբօրդ եւ հօրդ քառասունքի եւ տարելիցի հոգեհանգիստներուն: Բացակայութիւնդ ինծի համար շատ զգալի դարձաւ…: Ընտանիքին վերջին մնացորդացը որպէս, քու ներկայութիւնդ նշանակութիւն ունէր: Հոն ուր որ կը գտնուիս հիմա, պէտք չէ հոն ըլլայիր, իմ կարծիքովս: Այլ՝ ըլլայիր մօտիկը այրիացեալ եւ որդեկորոյս մօրդ,[ccclxxxv] որբացած Ալիսին,[ccclxxxvi] այնքան անարդարօրէն եւ կանխահասօրէն երիտասարդ տարիքին այրիացած եղբօրդ տիկնոջ: Կեանքի մեծագոյն անարդարութիւնն էր այս կորուստներուն միաժամանակ պատահիլը: Ճակատագիրը գուցէ քայքայուող ընտանիքի մը: Քե՞զ ալ արդեօք ճակատագրին բիրտ հովերը այսքան հեռու տեղեր քշեցին: Քու պարագայիդ՝ չեմ հաւատար…: Միակ մխիթարութիւնս այն է, որ Դուն կենդանի ես եւ օր մը պիտի վերադառնաս եւ միանաս մեզի…: Վերականգնես ընտանիքդ: Վերստին ապահովես հօրենական ընտանիքիդ ծաղկումը, ճիւղաւորումը: Ընտանիք մը, որ կ’արժէ վերակենդանացնել իր հարուստ աւանդութիւններով: Այդ աւանդութիւններուն մէջ կը գծուի պատկերը հանգուցեալ հօրդ, որ թէեւ տակաւին ապրելիք օրեր ունէր,[ccclxxxvii] սակայն շռայլօրէն ապրուած կեանքի մը մխիթարանքը մեղմեց զինք սիրող հարազատներուն ցաւը: Այդ հարազատներէն մէկը որպէս՝ հօրդ կորուստը երկրորդ հայր մը կորսնցուցած ըլլալու հոգեկան տառապանքը պատճառեց ինծի: Ես աւելի դժբախտ եղած էի հայրս կանուխէն կորսնցուցած ըլլալու ճակատագրով:[ccclxxxviii] Չէի վայելած զայն, ինքն ալ՝ զիս: Հօրս մահուընէն ասդին հայրդ դարձած էր հօրս խորհրդանիշը: Զաւակներուս եւ տիկնոջս համար եւս, Փաշա ամմոն Տիգրան Տէտէն կը ներկայացնէր: Չեմ մոռնար երբեք իր գուրգուրանքը մեր ընտանիքին հանդէպ: Ազնուական կեցուածքները: Նոյն ոգին Ձեր մէջ ալ արթնցուց եւ մեզ, որքան կրնար, այդքան իրարու մօտեցուց: Գերդաստանը հովանաւորողի պարտականութիւն մը տուած էր ինքզինքին: Հաճոյք էր ինծի համար ամէն անգամ իր[են] հետ սեղանակից ըլլալ եւ լսել իր՝ փորձառու մարդու կեանքէն շահուած փիլիսոփայութիւնը: Կը յարգէի զինք: Կ’ուրախանայի իր ընտանեկան երջանկութեամբ: Չկրցայ հաշտուիլ իր մահուընէն աւելի հիւանդութեան ոսկրացուցած ֆիզիքական տեսքին հետ: Չէի ուզեր զինք ֆիզիքական այդ տեսքով պատկերացնել: Այդքան հպարտ եւ կենսասէր մարդը: Կը յիշեմ հիմա, հիւանդութեան օրերուն, քու յիշեցումներդ ինծի.

– Հայրս մեծ եղբայրդ է, մի՛ զլանար այցելութիւններդ:

Հայրդ աւելին էր, քան մեծ եղբայրս…:

Ուրախ եմ, որ հայրդ մահացած էր, երբ Մինասը կը սպաննուէր յելուզակներու կողմէ…: Չտեսաւ իր զաւկին սպանութիւնը: Չապրեցաւ անոր կսկիծը: Չէի կրնար պատկերացնել հայրդ իր զաւկին՝ Մինասին մահուան առջեւ: Հոս կ’երեւի ճակատագիրը իր գործը կատարեց: Հայրը խլեց զաւկէն առաջ…: Ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել Փաշան[ccclxxxix] առանց Մինասի եւ Վահէի բացակայութեան: Մինասը միայն հօրը համար չէր, որ սիրասուն ու արժէքաւոր էր, այլ՝ ամբողջ գերդաստանին համար: Մահը երբեք այսքան անբաղձալի չէր եղած, որքան Մինասին կորուստին առիթով…: Ճիշդ է ամենէն աւելի մեղք եղաւ իրեն: Շատ կանուխ մեկնեցաւ: Բայց մնացողներն ալ՝ մայրդ, կինը, Ալինը, դուն եւ բոլոր զինք սիրող եւ ճանչցողները իրենց սրտին մէջ բացուած վէրք մը կը կրեն: Կրնայ ժամանակը մեղմացնել այդ վէրքը, բայց մոռցնել՝ երբե՛ք…: Մինասին պատկերը մեր բոլորին հոգիին մէջ է: Անգամ մըն ալ այդ պատկերին գիծերը շեշտուեցան իր տարելիցի հոգեհանգիստին առիթով:

Ուրախ եմ նաեւ, որ հայրդ մահացած էր, երբ Վահէն կը մեկնէր քաղաքէն եւ կը տարուէր իր ներկայ արգելարանը: Պիտի չուզէր հարկաւ, որ իր տղան ապրէր իր փորձառութեան այդ երեսը…: Բայց ինչ որ է, եղա՛ւ: Չըլլար՝ աւելի լաւ կ’ըլլար եւ դուն մեր մօտը կ’ըլլայիր…: Կ’ուզեմ յիշեցնել քեզի, սիրելի Վահէ, որ օր մը երբ հայրդ արգելափակուած էր, դուն արդարօրէն ընդվզած էիր: Ընդվզումդ զանազան եղանակներով կ’արտայայտէիր: Լաւ է, որ հիմա քեզի դէմ ընդվզող մը չունիս տակաւին…:

Ուրախացայ, երբ լսեցի, որ Վիվիանը[cccxc] մօտդ կը գտնուի…: Գուցէ միայն Վիվիանը ըլլար քեզի դէմ ընդվզողը: Ան ալ հասկացողութեամբ համակերպած է: Ուրեմն բախտաւոր ես: Բախտաւոր մնացիր իրմով…: Կը լսեմ թէ արգելարանին մէջ եւս բախտաւոր կը զգաս: Պայմանները քաղաքակրթական են: Բայց ինչ որ ալ ըլլայ՝ արգելարան է: Նոր Տարին կը մօտենայ: Արգելարանին մէջ ինչպէ՞ս կ’անց[ը]նէք՝ չեմ գիտեր: Բայց ես քեզի եղբայրաբար կը մաղթեմ, որ օր առաջ դուրս գաս հոնկէ: Հաւատա՛, որ հոս Լիբանանի մէջ, պատերազմական պայմանները աւելի նախընտրելի են արգելարանի «Դրախտ»էդ, հաւատա՛:

Կը հաւատամ թէ հոնկէ դուրս պիտի գաս մեծ փորձառութեամբ, հասունցած նկարագրով եւ կեանքի հանդէպ աւելի մեծ հաւատքով: Նոր Տարուան առիթով կը մաղթեմ քեզի դիմադրականութեան զօրացում:

Քեզ օր առաջ մեր մէջ եւ մեր մօտ տեսնելու ցանկութեամբ՝

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Գառնիկ Ստեփանեանին

 

[Պէյրութ,] 27 Հոկտեմբեր 1983[cccxci]

 

Յարգելի ընկեր Գառնիկ Ստեփանեան,[cccxcii]

Երեւան.

Շատ ուրախ եմ, որ այս անգամ Երեւան այցելութեանս առիթը ունեցայ Ձեզի հանդիպելու: Միշտ փափաքած էի, բայց պատեհութիւնը չէի ունեցած: Ձեզի անձամբ ծանօթանալու ցանկութիւնս կը բխէր Ձեր գործին հանդէպ տածած յարգանքէս: Խորապէս տպաւորուած եմ Ձեր մեղուաջան նուիրումի, բարեխիղճ գիտնականի այն ոգիէն, որ իրագործած է նման պատկառելի վաստակ մը: Ծանօթ չէր ինծի Ձեր արեւմտահայի ինքնութիւնը: Գաղտնիքը լուծուեցաւ: Արեւմտահայ մշակոյթին հանդէպ Ձեր տաք հետաքրքրութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ կատարած ուսումնասիրութիւնները հիմա աւելի հասկնալի եւ բացատրելի դարձան:

Մեծ քանակութեամբ գիրքեր Երեւան եղած օրերուս ապահոված էի: Բայց ձգեցի հոն, որպէսզի Կոմիտէութեան միջոցաւ ստանամ: Քանի մը գիրքեր միայն հետս առած էի: Այդ քանի մը հատին մէջ էր նաեւ Ձեր «Կենսագրական Բառարան»ի Բ. հատորը,[cccxciii] որ ազնուաբար ինծի մակագրած էիք: Արդէն բաւական մաս մը թղթատեցի: Առաջինին մասին անդրադարձած էի, հիմա «Արարատ» օրաթերթի մշակութային էջին մէջ, պիտի անդրադառնամ երկրորդի մասին, պատեհ առիթով: Տպուելէն վերջ կը փորձեմ հասցնել Ձեզի:

Ինչ որ Ձեր 70-ամեակի առիթով տպուած հրաւիրատոմսի[ն] մէջ կարդացի, նոր վկայութիւն կազմեց Ձեր նկարագրի համեստութեան մասին: Ակնարկութիւնս կ’երթայ Ձեր յոբելեանին առիթով հանդիսաւոր նիստ չցանկալու փափաքին: Կը թուի թէ ծափերէ եւ ցուցադրական ծիսակատարութիւններէ միշտ հեռու մնացած էք՝ փնտռելով Ձեր գնահատութիւնն ու վարձատրութիւնը հոգեկան գոհունակութեան մէջ: Յամենայնդէպս, ուշացումով ընդունեցէ՛ք նաեւ իմ շնորհաւորութիւններս Ձեր ծննդեան 70-ամեակին առիթով, շուտով կը թեւակոխէք 75-ամեակը, մաղթելով որ իրականացնէք այն բոլոր անաւարտ աշխատասիրութիւնները, որոնք ձեռքի տակ են: Զանոնք հրատարակուած տեսնելու բաղդաւորութիւնը ունենաք: Ամենէն առաջ «Կենսագրական բառարան»ի Գ. հատորը:[cccxciv] Առողջութի՛ւն Ձեզի, յարգելի բարեկամ: Խոստումիս համաձայն՝ կը ղրկեմ կենսագրութիւնս, ըստ ձեր հարցաթերթիկին:

 

Սիրով՝

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ծնած եմ 1937-ին: Միջնակարգ ուսմանս ընթացքը կատարած եմ Նշան Փալանճեան ճեմարանի եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Համալսարանական բարձրագոյն ուսման վկայականս ստացած եմ Պէյրութի Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Արեւելեան Դպրութեանց Կաճառի Հայագիտութեան ճիւղէն:

1956-էն ասդին ուսուցչական ասպարէզին մէջ գտնուած եմ դասաւանդելով Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւն:

1966-1975-ին վարած եմ Ազգ. Ռուբինեան Վրժ.ի տնօրէնութիւնը:

1975-էն մինչեւ օրս կը վարեմ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութիւնը:

Որպէս հասարակական գործիչ, 1966-1974-ին վարեր եմ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետութիւնը: Երկար տարիներ մաս կազմած եմ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնին, իսկ այժմ՝ Կեդրոնական Վարչութեան՝ 1981-էն ասդին:

Անդամ եղած եմ «Արարատ Գրական» ամսագրի խմբագրութեան: «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ եմ մինչեւ օրս, խմբագրելով անոր շաբաթական մշակութային ու գրական էջը:

Հասարակական, մշակութային թէ գրականագիտական յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով աշխատակցած եմ լիբանահայ, արտասահմանեան թէ հայրենական մամուլին:

Գրական-մշակութային զանազան տարեդարձներու առիթով խմբագրած եւ հեղինակած հատորներս եղած են հետեւեալները:

Խմբագրած հատորներս

Ա.- «Երաժշտագէտ Աշոտ Պատմագրեանի Յոբելինական» գիրքը, 1962, Պէյրութ:

Բ.- «Հատընտիր Պարոյր Սեւակի», 1972, Պէյրութ:

 

Գրական ստեղծագործական հատորներս

Ա.- «Նախերգանք» բանաստեղծութիւններ, Պէյրութ, 1966:

Բ.- «Կանաչներու Առասպելը», բանաստեղծութիւններ, Պէյրութ, 1977:

Գ.- «Հեքիաթ Հայաստանի Մասին», արձակ, Պէյրութ, 1979:

Դ.- «Ծուէն Ծուէն Երիզներ», արձակ էջեր, Պէյրութ, 1980:

Ե.- «Մարդեղութիւն», բանաստեղծութիւններ, Երեւան, 1981:

 

Գրականագիտական

Ա.– «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. Համագումարի Սեմին», 1966:

Բ.– «Ակնարկ Սփիւռքահայ Բանաստեղծութեան Մասին», Պէյրութ, 1970:

Գ.– «Հայաստանի Գրողներու Զ. Համագումարը» Պէյրութ, 1971:

Դ.– «Գնահատութիւն Հայաստանի Երիտասարդական Բանաստեղծութեան Մասին», 1972:

Ե.– «Գաւառացի Արուեստագէտը՝ Թլկատինցի», Պէյրութ, 1988:

Բացի հրատարակուած վերոյիշեալ հատորներէն, անհամար թիւով յօդուածներ ունիմ մամուլին մէջ:

 

*          *          *

 

 

  1. Ռոզին, Զոհրապ եւ Սիլվի Վարդանեաններուն

 

[Պէյրութ,] 25 Սեպտեմբեր 1982[cccxcv]

 

Սիրելի Ռոզին, Զոհրապ եւ Սիլվի,[cccxcvi]

Լոս Անճելըս.

Որքան ուրախ եղանք ձեզի հետ կրկին հանդիպելնուս համար: Երկար տարիներու կարօտը առինք: Ջանացինք մեր խճողուած յայտագրին մէջ բաժին յատկացնել նաեւ Ձեզի: Չէինք պատկերացուցած որ այդքան քիչ պիտի գան օրերը: Բայց դուք արդէն հարազատի ջերմութեամբ մօտենալով մեզի, քանի մը առիթներով միատեղ գտնուելու պատեհութիւնը ընծայեցիք: Ջանացիք ձեր կարելին ընել մեզ գոհ ձգելու համար: Չենք մոռնար երկու անգամ մինչեւ օդակայան մեզ ճամբու դնելու Ձեր ազնուութիւնը: Լոս Անճելոսէն մեր վերջին բաժնուած անձերը Դուք եղաք: Ուրախացայ, որ Ձեր հարազատի զգացումները եւ ապրումները պահած էք եւ չէք ազդուած Ամերիկայի բարքերէն: Ուրախութիւնս մեծ եղաւ մանաւանդ Սիլվիին համար: Իր հայերէն խօսիլը լսելով յիշեցի իրեն ըրած մէկ մաղթանքս: ՍԻԼՎԻԻՆ ՀԵՏ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՍ ՀԱՅԵՐԷՆ ԽՕՍԻ ՀԵՏՍ: Երջանիկ էի, որ մաղթանքս տեղ հասած է: Կը մնայ, որ Հայութեան հետ իր հաղորդակցութիւնը առաւել եւս խորացնէ:

Տակաւին հարազատներուն հետ տեսնուելու պատեհութիւնը չունեցանք: Միայն Փաշային այցելեցինք: Ծանր է հիւանդութիւնը: Անկողնի մէջ կը տառապի: Դժուար եւ տառապալից օրեր են իրեն եւ շրջապատին համար: Ինծի համար մեծ դժբախտութիւն պիտի ըլլայ զինք կորսնցնելը: Մեծ եղբօր դերը կատարած է հօրս մահուընէն ի վեր:

Զոհրապին գործի փոփոխութիւնը ազդած է իր տրամադրութիւններուն վրայ: Պէտք չէ յուսահատի: Պէտք է համբերէ: Գնահատելի էր Ռոզինին քաջալերելու կեցուածքը: Խանութին դիրքն ու կարելիութիւնները յուսադրիչ են: Խանութին առաջին բարիքներէն օգտուողը ես եղայ: Նուիրած երկու շապիկներէն մէկը արդէն հագայ: Կը յիշեմ Ձեզ: Զոհրապը այդպէս ըսած էր. հագիր եւ մեզ յիշէ:

Կը սպասենք, որ Լիբանանը իր վերջնական հանդարտութիւնն ու խաղաղութիւնը գտնէ: Այդ յոյսերը կան: Եթէ հաղորդակցութեան կապերը վերահաստատուին՝ Ձեզի կ’ուզեմ ղրկել գիրքերէս: Զոհրապը փափաքած էր ունենալ:

Ընդունեցէք Ազատուհիին, իմ, Տիգրանին եւ Ռազմիկին շնորհակալութիւնները:

Բարեւներով՝ մինչեւ յաջորդ հանդիպում,

Պէպօ Սիմոնեան եւ ընտանիք

 

*          *          *

 

 

  1. Վահէ Օշականին

 

[Պէյրութ,] 17 Դեկտեմբեր 1984[cccxcvii]

 

Սիրելի Վահէ Օշական,[cccxcviii]

Անմիջապէս կը պատասխանեմ 1 Նոյեմբեր 1984 թուակիր նամակիդ: Ուրախ եմ, որ անարձազանգ չմնացիր հօրդ մասին գրած մէկ յօդուածիս առիթով: Միայն զարմացայ, որ ձեռքդ չէ անցած Յ. Օշականի 100-ամեակին առիթով դարձեալ «Արարատ»ի մշակութային էջի նուիրած[cccxcix] համարս: «Արարատ»ը միակն էր, որ ճիշդ իր ծննդեան օրուան զուգադիպիլ տալով 10 Դեկտեմբերին իմ խմբագրած էջովս անդրադարձաւ Յ. Օշականի վաստակին: Յայտնեմ այս առիթով, որ «Համապատկեր»ի հրատարակութեան մասին եւս անդրադարձած էի, իսկ Ժ. հատորի մասին կարճ ակնարկ մը գրեցի: Մեծ յափշտակութեամբ կարդացի Ժ. հատորը, ուր Յ. Օշականը փռուած է լայնքով, երկայնքով եւ ամբողջ ծաւալով: Ազնիւ գտնուեցաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը,[cd] ամէն անգամ ինծի նուիրելու «Համապատկեր»էն հրատարակուած հատոր մը: Գնահատեցի նաեւ իր ճիգը «Համապատկեր»ներու ամբողջական շարքը հրատարակուած տեսնելու:[cdi] Այսօր, իրապէս, փառաւոր իրագործում մըն է, «Համապատկեր»ներու ամբողջական հրատարակութիւնը, որ նաեւ հայ գրադարաններու արեւմտահայ մտքի բերքը ճոխացնող շարք մը[ն է]: Ես անդրադառնալով գնահատեցի նաեւ «Բագին»ի[cdii] բացառիկը, ուր քու կողմէդ գրուած յօդուած-ուսումնասիրութիւնը հօրդ մասին հաւնելով՝ տպաւորութիւնս յայտնեցի, կարգ մը վերապահութիւններով: Մ. Իշխանին[cdiii] յուշերը, որ այնքան աղուոր գնացք մը ունէր, քննադատեցի ակնարկի մէջ այն ոգին, որ կը վերաբերէր, Յ. Օշականի Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանին[cdiv] նուիրած բանասիրական գործին պարագայականութիւն վերագրելուն: Ճիշդ հակառակն էր քու կարծիքդ: Այս բոլորը կ’ըսեմ ու կը գրեմ պարզապէս հասկցնելու համար քեզի, որ ինչքան բան կայ փոխուած: Շատ մը մեղադրանքներ բանաձեւած ես նամակիդ մէջ, յուսամ այս տեղեկատու-լուսաբանութիւններովս քիչ մը կրնամ մեղմել ընդվզումդ եւ բարկութիւնդ…:

Յ. Օշականի մեծութիւնը որպէս գրագէտ թէ որպէս քննադատ՝ անառարկելի է…: Այսքան…:

Երկրորդ նամակն է այս, որ քեզմէ կը ստանամ: Առաջինը, «Կանաչներու Առասպել»իս առիթով գրած նամակդ էր, կծու եւ լեղի դատումներով, որուն պատասխանեցի նամակով: Նոյն տարին էր, եթէ չսխալիմ, ընտրանիի մասին «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի յօդուածիդ անդրադարձար հակադիր դիրքերէ մեկնելով: Չեմ գիտեր քեզի ղրկուեցա՞ւ, թէ՞ ոչ: Ո՛չ նամակիս, ո՛չ գրածներուս չանդրադառնալդ մտածել տուաւ, որ կրնաս ազդուած ըլլալ: Սակայն տպաւորութեանս մէջ Վահէ Օշականը այնպիսի հասունութեան տէր մտաւորական մըն էր, որ դիմացինին տեսակէտներուն անկեղծութիւնը կը հասկնայ եւ գիտէ գնահատել…:

Առաջին մէկ օրէն հետեւած եմ գրական մամուլին մէջ երեւցած գրութիւններուդ: Լիբանանի գրական մամուլին մէջ, այսինքն՝ «Բագին» ամսագրին մէջ ինչ որ երեւցած է քեզմէ՝ կարդացած եմ: Իսկ Ամերիկայի հայ մամուլը տեսնելու շատ առիթ չեմ ունենար: Տարօրինակը այն է սակայն, որ ո՛չ այստեղի եւ ո՛չ ալ հոնտեղի հրատարակուած գիրքերէդ ոչ մէկը ունիմ: Կ’ուզեմ ունենալ «Ահազանգ»ն ու «Խուճապ»ը:

Ստեղծագործական աւիշդ յայտնի է, որ աշխոյժ է: Ամերիկան, հակառակ չսիրելուդ, չէ յաջողած ցամքեցնել զայն: Ես ալ չսիրեցի Ամերիկան, երկու տարի առաջ, 1982-ի ամառը ընտանեօք կատարած այցելութեանս առիթով: Լիբանանը, հակառակ տասնամեակէ մը ի վեր ապրած անմարդկային ողբերգութեան, տակաւին կը մնայ այն համակրելի երկիրը, ուր անհատապէս թէ ազգային տեսակէտով նախընտրելի եւ անփոխարինելի վայրն է: Սիրած երկիրս կը մնայ Լիբանանը: Շատ բաներ փոխուած են Լիբանանէն: Մտաւորական եւ մշակութային մարզերէն ներս նահանջ կայ: Պատերազմը շատ բաներ խաթարեց, մարդկայնական Լիբանանին դիմագիծը անմարդկայնացուց, բարոյական սկզբունքները այլասերեց, ինչպէս որեւէ պատերազմէ ետք, բայց զայն կանգուն պահելու ճիգերը, պայքարը կը շարունակուի: Հայ կեանքի մտաւորական եւ մշակութային մարզերը լճացում կ’ապրին: Թերթերը ու գիրքերը կը հրատարակուին, բայց մակարդակի անկումը ակներեւ է: Եթէ Պէյրութն ալ այդ դերը կատարելէ դադրի, զայն փոխարինող պիտի ունենա՞նք…: Հայ միտքի ճառագայթումը ուրկէ՞ պիտի սպասենք: Սփիւռքի մէջ հայ գրականութիւնը զարգացնելու ի՞նչ հեռանկարներ կը մնան: Ճիշդ է, ասդին-անդին հայ գրողներ կրնան գոյութիւն ունենալ, բայց Սփիւռքի հաւաքական ճիգը կը բացակայի:

Պատկերացո՛ւր, որ ամբողջ Սփիւռքի մէջ մէկ հատ հրատարակչատուն գոյութիւն չունի: Հայ գրողը իր երկը իր նիւթական միջոցներով պիտի հրատարակէ ու եթէ հրատարակուածն ալ բանաստեղծութեան հատոր մըն է, ա՛լ կրնաս պատկերացումը ունենալ քու անձնական փորձառութեամբդ սպառման վիճակի մասին:

Հայ կեանքի միակ մխիթարական բեւեռը կը մնայ Հայաստանը: Հայ միտքը հոն է, որ առաւելաբար կը ճառագայթէ տեղ-տեղ ինքնուրոյն դրսեւորումներով…: Ինչ ալ ըլլայ մեր գաղափարական արեւելումը, այս մէկը պիտի ընդունինք:

Տիկինս՝ Ազատը ուրախութեամբ ընդունեց բարեւդ, զարմանալով թէ ինչո՞ւ տխուր ժպիտն է, որ չէ հեռացած յիշողութիւնէդ…: Բայց հաճելի թուեցաւ դարձուածքդ:

Արեւելքէն, արեւաշող Լիբանանէն քիչ մը արեւ քեզի:

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Յարութ եւ Շուշան Վարդանեաններուն

 

[Պէյրութ,] 1 Հոկտեմբեր 1982[cdv]

 

Սիրելի Շուշան եւ Յարութիւն Վարդանեաններ,

Լոս Անճելոս.

Մեր Լոս Անճելոս այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ Շուշանին հետ բարեկամական հին կապը վերակենդանանայ եւ ծանօթանանք Յարութիւնին հետ: Առաջին վայրկեանէն մեր տպաւորութիւնը դրական եղաւ Յարութիւնէն: Որպէս մարդ եւ հայ: Մանաւանդ Ամերիկայի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալով՝ իր հայախօսութիւնը լաւ տպաւորեց: Ուրիշներու հանդիպեցանք, որոնք մէկ բառ հայերէն չէին սորված: Անշուշտ Շուշանին հայկականութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը կարեւոր դեր ունին կատարելիք այսուհետեւ, Յարութիւնին ազգային ապրումներուն եւ հայախօսութեան խորացման մէջ:

Տէր եւ տիկին ձեր կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութիւնն ու հիւրասիրութիւնը հոգեպէս մեզ գոհացուց: Որքա՜ն հաճելի էր Ձեզի հետ ըլլալ ամբողջ օր մը Knott’s Berry Farm-ին[cdvi] մէջ: Նմանապէս մեր հասած օրուան Կիրակին, իր առաւօտեան նախաճաշով, որ լիբանանեան ոճով պատրաստուած էր, անմոռանալի կը մնայ լոսանճելոսեան մեր տպաւորութիւններուն մէջ: Այդ տպաւորութեան մէջ քիչ դեր չկատարեց նաեւ Ձեր տունը իր բնական գեղեցկութեան շրջապատով եւ ճաշակ մը ցոլացնող կահաւորումով: Որպէսզի տունին բովանդակութիւնը ամբողջանայ, կը մաղթենք, Ազատուհին, ես, Տիգրանն ու Ռազմիկը, որ ճռուողիւններ գան լեցնելու…: Մեր յաջորդ այցելութեան, կը փափաքինք լսել այդ ճռուողիւնները…: Շուշանին համար տունը իր մթնոլորտով ըլլայ մտաւորական կեանքին վերադարձը նաեւ: Հոգեկան եւ մտաւորական արժէքներով խանդավառուելու եւ խանդավառելու ներշնչարան մը: Անոր պահանջքը կը զգացնէ Լոս Անճելոսի նորակազմ հայ գաղութը: Շուշանին մտաւորական պատրաստութեան կարիքը ունի հայկական գաղութը: Ուրեմն, կը սպասենք Շուշանին ստեղծագործական զոյգ լուրերուն…:

Ուրախ եմ, որ զոյգ գիրքերուս առիթով կազմակերպուած գինեձօնը, բացի ինծի գոհացում տալէ, Շուշանին համար եղաւ առիթ մը գրականագիտական աշխատանքի ձեռնարկման: Ինծի համար հետաքրքրականը եւ յուզիչը այն էր, որ Շուշանը, ըլլա՛յ բանաստեղծութիւններուս եւ ըլլա՛յ արձակիս մասին բաւական ճիշդ բնորոշումներ կատարեց: Ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ խօսքը տպագրութեան յանձնէր նաեւ…:[cdvii]

 

Ձեզ միշտ յիշող՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 5 Փետրուար 1984[cdviii]

 

Սիրելի Շուշան եւ Յարութ Վարդանեաններ,

Լոս Անճելոս.

Շնորհակալութեամբ ստացանք Նոր Տարուան շնորհաւորական ձեր քարթը: Կարօտցած էինք Ձեր ձայնը: Գիրը: Աւելի քան տարուան մը հեռաւորութիւնը ունի մեր հանդիպումը: Բայց այնքան սրտով էին այդ հանդիպումները, որոնք անմոռանալի կը մնան մեր լոսանճելոսեան տպաւորութիւններու[ն] մէջ: Ձեզ միշտ կը յիշենք: Կը խորհիմ թէ նամակագրութիւնը կենդանի կը պահէ այդ տպաւորութիւնները:

Մեր այժմու պայմանները ծանր են ու տխուր: Կ’երեւի այդ գիտակցութեամբ ալ Ձեր Նոր Տարուան բացիկին մէջ լայն անդրադարձ կար Լիբանանի կացութեան մասին: Ի՞նչ ըսեմ, կամ ի՞նչ կրնամ ըսել, Աստուած իրապէս լսէ խաղաղութեան ձեր մաղթանքները:

Դառնութեան եւ մորմոքի այն զգացումները, որոնք արտայայտուած գտայ տողերուդ ընդմէջէն, մեր տառապալից պայմաններուն եւ առօրեային ցաւակից ըլլալու տրամադրութիւն մը կը զգացնեն:[cdix] Շնորհակալ ենք այդ ապրումներուդ եւ մաղթանքներուդ համար: Ամէն րոպէ մեզի հետ ապրելու սրտակցութիւնը հարազատութեան նշան է եւ նախկին լիբանահայու անկեղծութիւնը կը կազմէ:

2 Փետրուարէն ասդին ահաւոր ռմբակոծումները սկսան: Քաղաքը ամբողջ ուրուականներու քաղաքի վերածուած է կրկին: Ճանճ չ’անցնիր ճամբաներէն: Տունը բանտարկուած ենք: Դժուար է զսպել փոքրիկները, որոնք տունը դատապարտուած ըլլալով հանդերձ, ելեկտրականութեան չգոյութեան պատճառով զրկուած կը մնան նաեւ հեռուստատեսիլի բարիքէն: Իմ տան մէջ միակ զբաղումս գիրքն ու գիրն է: Կը գրեմ, կը խաղաղիմ: Կը կարդամ, կը մոռնամ դուրսի աշխարհը: Հիմա ելեկտրականութիւնը գնաց: Մեղմօրէն վառող կանթեղի լոյսին տակ կը շարունակեմ նամակս:

Յուսամ աչքէ անցուցիր «Արարատ»ի ամանորի բացառիկը: Հակառակ մեր ապրած պայմաններուն, դրական գործեր ալ կը կատարուին: Յաջորդ բացառիկին քու ստորագրութիւնդ ալ կ’ուզենք տեսնել: Կը տեսնե՞ս որ որքան լաւատես եմ Լիբանանի ապագային հանդէպ: Եղբօրդ ցանկութիւն յայտնած էի Լոս Անճելոսի գինեձօնի զեկոյցդ ունենալ: Ոչ թէ տպելու, այլ պարզապէս թղթածրարիս մէջ ունենալու համար: Եթէ անհնար չէ, զեկոյցիդ գրաւոր էջերը ուղարկէ՛:

Մեր կեանքը այստեղ պատերազմական առօրեայի մէջ է: Գրեցէ՛ք ձեր կեանքի մասին:

Ազատուհին, Տիգրանը եւ Ռազմիկը կը բարեւեն: Յարութը կը յիշենք:

 

Սիրով՝

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

  1. Վարդիվառ Տէր Գալուստեանին

 

[Պէյրութ,] 20 Դեկտեմբեր 1983[cdx]

 

Յարգելի պր. Վարդիվառ Տ[էր] Գալուստեան,[cdxi]

Սին էլ-Ֆիլ.

Յարգելի բարեկամ,

Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութիւնը անգամ մը եւս կու գայ իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնելու Ձեր՝ «Սահակեան»ին բերած նպաստին եւ օգտակարութեան համար:

Յիշելու համար վերջինը, ապակիներու նորոգութիւնը, որ ապահովուեցաւ Ձեր ջանքերով, Ձեր նպաստով՝ հայ դպրոցին, ի մասնաւորի «Սահակեան»ին հանդէպ Ձեր ցոյց տուած հոգածութեամբ:

Հոգածութիւն մը, որ «Սահակեան»ի տնօրէնը վայելեց անձնական բարեկամութեան ընդմէջէն:

Մենք յարգանքով եւ համակրանքով լեցուած են[ք] քու անձնաւորութեանդ հանդէպ, որովհետեւ անցնող ինն տարիներու ընթացքին, երբ «Սահակեան»ը ապրեցաւ պատերազմին չարաղէտ հետեւանքները, անոր վերականգնումին եւ վերանորոգութեան ճիգերու[ն] մէջ ունեցանք Ձե՛ր եւ քաղաքապետութեան նախագահ Հապիպ Հաքիմի[cdxii] թանկագին աջակցութիւնները:

Դուք, որպէս Սին էլ-Ֆիլի քաղաքապետութեան հայ անդամ, տեւաբար քաղաքապետին հետաքրքրութիւնը վառ պահեցիք հայ կեանքին եւ հայկական կրթական հաստատութիւններուն հանդէպ: Շնորհակալ գործ մըն է եւ հայութեան բերուած կարեւոր նպաստ: Այդ կերպով ալ արդարացուցած կ’ըլլաք Ձեր՝ հայ մարդու եւ հայրենասէր հայու պարտականութիւնը՝ ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ:

Այն հայրենիքին, որուն եւս Ձեր նպաստը կը բերէք զանազան միջոցառումներու եւ օգնութիւններու ընդմէջէն:

Պատմութիւնը կ’արձանագրէ այս եղելութիւնները:

Թանկագին բարեկամ,

Ես անձնապէս շատ ուրախ եմ, որ Ձեր նման հոգիով հարուստ անձ մը նիւթական բարեկեցութեան հասած է:

Ձեր բարեկեցութենէն ընդհանրապէս Ձեր շրջապատը օգտուած է: Տուած էք անկեալին, կարօտեալին՝ մարդասիրաբար: Մարդասիրութիւնը Ձեր նկարագրին ցայտուն գիծը թող շարունակէ մնալ եւ տալու առաքինութիւնը՝ Ձեր կեանքին իմաստ տուող կեցուածք:

Ագահներուն պատիժը իրենց ագահութիւնն է:

Ի՞նչ կը մնայ կեանքէն, եթէ ոչ մարդուն, կարօտեալին օգնելու ազնուութիւնը: Ազնիւ եւ բարեսէր մարդու անունը:

Կը գտնուինք Նոր Տարուան սեմին:

Առաջին հերթին ընտանիքիդ, ազնիւ եւ պատուական տիկնոջդ՝ տիկին Զարուկին, զաւակներուդ՝ Սիրանին, Ալեքին եւ Թամարին երջանկութիւն կը մաղթեմ: Դուն մինչեւ խոր ծերութիւն, որպէս ընտանիքի սրտազեղ հայր հովանաւորես զիրենք: Բայց, որպէսզի կեանքդ երկարի եւ առողջութիւնդ պահուի, փոքր եւ ջնջին բաներու համար կեանքդ եւ շրջապատդ մի՛ անհանգստա[ց]ներ: Արհամարհէ՛ փոքր ու ջնջին բաները:

Քեզ ուրախ եւ լաւատես տրամադրութիւն կը մաղթեմ քու եւ իմ սիրած Լիբանանի խաղաղութեան մէջ:

 

Սիրով, եղբայրաբար՝

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Կարպիս Տէր Եղիայեանին

 

[Պէյրութ,] 31 Մայիս 1984[cdxiii]

 

Յարգելի դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան,

Տնօրէն Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի.

Սիրելի Կարպիս,

Շնորհակալութեամբ ստացայ Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճին կողմէ իմ հայ համայնքի հայեցի դաստիարակութեան բերած ծառայութեան որպէս գնահատութիւն՝ վկայագիրը: Գաղափարը, որպէս յղացում, գնահատելի էր: Ուրախ եմ, որ Միջազգային Գոլէճը իրեն կը վերապահէ հայ համայնքէն ներս ծառայածներու գնահատութիւնը կատարելու պարտականութիւնը: Յամենայնդէպս, պարտականութիւն մըն է այս մէկը, որ Գոլէճին կու տայ առաջնորդողի դեր՝ հայ կեանքէն ներս: Ուրախալի է, որ Գոլէճը կարճ ժամանակէն յաջողեցաւ իր շուրջ համակրութիւն ստեղծել: Որպէս տնօրէն քիչ չի կշռեր քու դերդ: Յատկապէս նիւթականի ապահովման մէջ, զգալի է մամուլի էջերէն, գործ դրած ճիգերդ: Լիակատար յաջողութիւն կը մաղթեմ ծրագիրներուդ մէջ:

Մեզի ուրախութիւն կը պատճառէ նաեւ հասարակական գետնի վրայ մեր շրջանակին եւ կազմակերպութեան հետ գործակցութիւնդ: Շարունակէ՛ նոյն ձեւով, որովհետեւ անոր պահանջքը ունին: Գոհ կը մնանք ամէն անգամ, որ կը հանդիպինք մամուլի էջերուն [մէջ] Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի գործունէութիւններուն: Կ’ըսենք՝ Կարպիսին հայրենասիրական շունչն է մղի՛չ ուժը: Ո՛ւժդ եւ կորո՛վդ անսպառ: Երկու տարի առաջ, Լոս Անճելոս այցելութեանս ընթացքին, ինչքա՜ն փափաքեցայ այցելել Գոլէճ: Առաջնորդող չունեցայ…: Իմ հետաքրքրութիւններուս մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ սփիւռքահայ կրթական կեանքը:

Անցեալ Մայիսին Պէյրութ այցելութեամբդ վերանորոգուեցաւ մեր հին բարեկամութիւնը: Գնահատած էի նաեւ Փասատինայի՝ ինծի նուիրուած գինեձօնին ներկայութիւնդ:

Մեր կեանքը այստեղ լճացած է: Գրեթէ կրթական տարեշրջան չունեցանք: Ռմբակոծումները առիթ չտուին: Դպրոցներու[ն] տնտեսական վիճակը ողբերգական է: Տեսնենք ինչպէ՛ս պիտի դիմագրաւենք ապագան: Այս ըսելով՝ յոռետես չեմ: Անձնական գետնի վրայ՝ գրական-ստեղծագործական աշխատանքներս կը շարունակեմ:

Փափաքելի է, որ մեր թղթակցութիւնը շարունակուի հետագային: Չմոռցած՝ յիշեմ նաեւ անցեալ տարի գրած շնորհակալական նամակդ:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 3 Սեպտեմբեր 1985[cdxiv]

 

Յարգելի դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան,

Լոս Անճելոս.

Սիրելի Կարպիս,

Գնահատանքով կը հետեւիմ կրթական եւ հասարակական գործունէութեանդ: Կը թուի թէ հետզհետէ Լոս Անճելոսի հայկական գաղութի կեդրոնական դէմքերէն պիտի դառնաս: Այս ամառ դէպի Հայաստան կազմակերպած ուղեւորութիւնդ ամերիկացի դէմքերով՝ յատկանշական ձեռնարկ մըն էր, որ կը ծառայէ ոչ միայն սփիւռք-Հայրենիք կապերու ամրապնդման, այլ[եւ]՝ Հայկական Դատին: Վստահ եմ, որ այս հանգամանքը ընդգծեցին նաեւ Երեւանի մէջ: Մանրամասնութիւններ չունիմ: Մեր երկրին մէջ տիրող կացութիւնը արտասահմանի հետ կապերը կենդանի չի պահեր: Գրեթէ մամուլ չենք ստանար: Հարկաւ այս ուղեւորութիւնը եւ Երեւանի մէջ գտած արձագանգը ամերիկահայ մամուլին մէջ երեւցան: Գլխաւորած Միջազգային Հայկական Գոլէճի հայրենասիրական օգտակար նախաձեռնութիւններէն կը նկատեմ նաեւ Հայաստանէն հայագէտի մը ներկայութիւնը Գոլէճիդ հայագիտական ամպիոնին համար: Այս պարագային ակնարկութիւնս կ’երթայ փրոֆ. Գէորգ Խրլոբեանին,[cdxv] որուն հետ ունեցած եմ բարեկամական լաւ կապեր: Այն ինչ որ մամուլի մէջ հանդիպեցայ, իրապէ՛ս նշանակալից էր որպէս մշակութային հրապարակային գործունէութիւն: Դասախօսութիւններու այն շարքերը, որ կազմակերպուած էին, ոչ միայն շահեկան էին, այլ[եւ]՝ Լոս Անճելոսի հայկական գաղութիւն համար՝ էական: Ան ալ, քեզի պէս, տինամի՛ք է: Մինչեւ այս նամակին ձեռքդ հասնիլը եթէ սիրելի Գէորգը հոն ըլլայ, ձեռքը ամրօրէն սեղմէ՛ իմ կողմէս որպէս գնահատանք:

Ուրախութիւն էր նաեւ քեզ տեսնել բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի գրական գործունէութեան 35-ամեակին նուիրուած յոբելինական մարմնի որպէս ատենապետ: Ալիսիան եւս մօտ է ինծի: Քու ստորագրութիւնդ կրող շրջաբերականին իսկոյն պատասխանեցի՝ յղելով ողջոյնի գիր մը: Միայն վերջերս լսեցի, թէ իմ ողջոյնի գիրս ալ կարդացուած է հանդէսին օրը՝ բեմէն: Սոյն նամակը քեզի բերող Շողիկին միջոցաւ լսեցի այդ մասին: Նամակ մըն ալ Ալիսիային պիտի գրեմ, որ ինծի ուղարկէ հանդէսի յայտագրէն օրինակ մը եւ այլ յարակից նիւթեր, որոնք լոյս տեսան այս առիթով: Կը գնահատեմ հայ արժէքներուն բերած քաջալերանքիդ համար: Ուժ եւ կորով կը մաղթեմ քեզի, որ այս առաքելութիւնը քեզմով շարունակուի:

Մենք տակաւին կը տառապինք լիբանանեան ողբերգութեան մէջ: Այս աշնան լոյս պիտի տեսնէ Լիբանանի ողբերգութեան նուիրուած հատորս՝ «Մայրիներուն Արմատները»: Լոյս տեսնելէն ետք օրինակ մը որպէս նուէր կը ղրկեմ քեզի:

«Սահակեան»ը կը մնայ մեր շրջանակի[ն] հիմնական մտահոգութիւնը: Այս անբաղձալի կացութեան վերջ տալու համար յառաջիկայ ամիսներուն ձեր կողմերը հանգանակութեան եկողներ պիտի ըլլան: Քու օժանդակութիւնդ անհրաժեշտ է յաջողութեան համար:

Գործիդ, ասպարէզիդ մէջ լիակատար յաջողութիւն կը մաղթեմ:

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 25 Փետրուար 1986[cdxvi]

 

Յարգելի դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան,

Տնօրէն Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի.

Սիրելի Կարպիս,

Ստորագրութիւնդ կրող Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի շրջաբերական նամակը, 10 Փետրուար թուակիր, գոհունակութեամբ ստացայ: Հաճոյքով տեղեկացայ անոր բովանդակութեան: Հարցը կը վերաբերի [քու] գլխաւորած Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի տասնամեայ յոբելինական հանդիսութեան: Առաջին հերթին՝ յաջողութիւն կը մաղթեմ այս առիթով նախատեսուած յոբելինական հանդիսութիւններու յայտագրին: Փորձառաբար գիտեմ թէ ինչ կը նշանակէ հաստատութեան մը յոբելինական հանդիսութեան կազմակերպումը, զայն կազմակերպելու պատասխանատուութիւնը: Ակնարկութիւնս կ’երթայ «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական տարուան ձեռնարկներուն, որոնք կատարեալ յաջողութեամբ պսակուեցան: Անշուշտ գործակիցներ միշտ ալ կ’ըլլան, բայց ընդհանրապէս աշխատանքին ամբողջական ծանրութիւնը կը մնայ տնօրէնին ուսերուն: Յամենայնդէպս, գիտակցելով այս իրողութեան, կազմակերպչական աշխատանքներուդ եւ նախաձեռնութիւններուդ համար կը մաղթեմ, որ ունենաս գործդ կիսող ճշմարիտ գործակիցներ: Յաջողութեամբ պսակումին վայելքը ունենաս:

Գալիֆորնիոյ նահանգի կառավարիչ Ճորճ Տէօքմեճեանի[cdxvii] հանդիսութեան նախագահ նշանակումը շնորհաւորելի գեղեցիկ գաղափար մըն է եւ հաւաստիք՝ անով հանդիսութեան վայելելիք վարկին: Բնականաբար նաեւ պատիւ մը՝ հայազգի կառավարիչին համար, որուն արժանի է իրաւամբ:

Շնորհակալ եմ նաեւ, որ զիս եւս Գոլէճիդ ծառայութեան մէջ գտնուածներու հանդէպ արտայայտուած երախտագիտութեան արժանի նկատած ես: Ես դեռ ոչինչ ըրած եմ երախտագիտութեան արժանի: Միայն հեռուէ-հեռու գնահատողը եղած եմ իմ վաղեմի բարեկամիս՝ Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի ընդմէջէն եւ միջոցաւ հայ կրթական գործին բերած ծառայութիւնները: Տասնամեակը նոր հանգրուան մը ըլլայ՝ նորանոր նուաճումներու համար:

Խօսքը եւ խօսքին ընկերակցող գործն ու նախաձեռնութիւնները կարճ ժամանակէն կը մոռցուին, եթէ անոնց չմիանայ գիրը: Մեսրոպեան շունչը կրող ոգիով: Տասնամեակը պատմութեան յանձնելու մտադրութեամբ Տարեգիրքի բացառիկի մը հրատարակութեան գաղափարը ինքնին գնահատելի է, իսկ անոր իրագործումը կը կարօտի խմբագրական լուրջ աշխատանքի: Բայց աշխատանքը իր գոհունակութիւնը կը բերէ՝ հրատարակութեան լոյս ընծայումով:

Շնորհակալ եմ, սիրելի Կարպիս, 50 ընտրանիի մէջ զիս եւս նկատի ունենալուդ համար: Գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան խօսքս անմիջապէս գրի առնելով չեմ սպասեր մինչեւ 30 Ապրիլ, ուղարկելու համար: Միայն որոշուած 60-70 բառերը շատ քիչ են մեր ամբողջական գնահատանքը արտայայտելու համար:

Չեմ ուշացներ տասնամեակին նուիրուած շնորհաւորանքի խօսքս: Միակ դժուարութիւնը հաւանաբար սահմանուած 60-70 բառերու սահմանափակ շրջագիծն է, կարենալ խտացնելու[cdxviii] համար գնահատանքի խօսքը: Բայց ոչինչ, կը ջանամ:

Ձեռագիրովդ շրջաբերականին վրայ կատարած յաւելումդ զիս առաւել ուրախացուց: Բաւական հետաքրքրական նորութիւններ կային: Նորութիւն էր ինծի համար մեր չորս տարիներու պաշտօնակցուհիին՝ տիկին Ալիս Քուրումեանին Ձեր գոլէճի գրադարանին մէջ վերցուցած պաշտօնը: Իր նամակէն իմացայ նաեւ, որ հայագիտական գրադարանին մէջ կը գործէ: Ամուսինը՝ պր. Կարապետը եւս վերադարձին «Սահակեան» տուած այցելութեան՝ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ալ տուաւ: Ուրախ եմ Ձեր գործակցութեան համար: Տիկին Ալիսը, որպէս անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի, «Սահակեան»էն ներս ինծի հետ եւս օգտակար գործակցութիւն ունեցաւ, որմէ ծնաւ նաեւ մեր ընտանեկան բարեկամութիւնը: Սահակեանցիներով շրջապատուած ես: Հրաչ Թաթլեանն ալ մեր ուսուցիչներէն էր:

Աւելի մեծ նորութիւնը Հ. Կ. Բ. Մ.ի վարչութեան կազմութիւնն ու քու ատենապետ նշանակուիլդ է: Վստահ եմ, որ քեզմով, յատկապէս քու ազգային եւ միջազգային կապերովդ նորակազմ Հ. Կ. Բ. Մ.ը հաստատ հիմքեր պիտի նետէ Լոս Անճելոսի մէջ: Կը շնորհաւորեմ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ: Ինչքան տպաւորեց եւ յուզեց զիս նամակիդ այն արտայայտութիւնը, որ անկեղծութեամբ բանաձեւած ես. «Կարելիս պիտի ընեմ «Սահակեան»ին օգտակար ըլլալու համար»:

Սիրելի բարեկամ, «Սահակեան»ը քեզի նման անկեղծ ու հեղինակաւոր բարեկամներու որքա՜ն կարիքը ունի:

Ինչ կը վերաբերի փրոֆ. Գէորգ Խրլոբեանին հետ հաստատած գործակցութեանդ, որ Հայրենիքի հետ մշակութային կապի կենդանի արտայայտութիւնն է, իրապէս մեծ բարիք մը եղած է Լոս Անճելոսի հայկական գաղութին համար, ինչքան որ «Մասիս»ի էջերէն կարելի կ’ըլլայ հետեւիլ: Սիրելի Գէորգը, առանց փրոֆ.ի, ուր որ գտնուի, հայ մշակոյթի սերմեր կը ցանէ, շարժում կը ստեղծէ: Այդպիսին էր, երբ Պէյրութ այցելած էր 1960-ական թուականներուն:[cdxix] Այդ անկեղծ գործակցութենէն ծնած բարիք մըն է «Գլաձոր» հայագիտական պարբերաթերթը:[cdxx] Կը խոստանամ աշխատակցիլ: Բայց ոչ անմիջապէս: Այս օրերուն պիտի աշխատիմ «Հայկազեան Հայագիտական» տարեգիրքի աշխատակցութեանս վրայ: Բայց անհամբեր եմ ստանալու համար «Գլաձոր»ի ցարդ հրատարակուած երկու թիւերը՝ տպաւորութիւններս «Արարատ»ի մշակութային էջին մէջ գրելու համար: Յուսամ ստացար վերջերս հրատարակած «Մայրիներու Արմատները» արձակ բանաստեղծութիւններու հատորս:

Մօտերս Հ. Կ. Բ. Մ.ի Կեդրոնական Մարմնէն պաշտօնապէս կը տեղեկանաս. տոքթ. Արշակ Գազանճեանը որպէս Հ. Կ. Բ. Մ.ի նորընտիր ատենապետ եւ ես որպէս «Սահակեան»ի տնօրէն նշանակուեցանք Ամերիկայի հանգանակութեան պատուիրակութեան անդամներ: Եթէ որեւէ արգելք չպատահի, Մայիսի առաջին շաբաթը պիտի ըլլանք մեր հանգանակութեան շրջապտոյտի Ա. հանգրուանը՝ Լոս Անճելոս: Քու հոն ներկայութիւնդ կենսական նշանակութիւն ունի: Շրջաբերականէդ կ’իմանամ թէ ճիշդ այդ օրերուն կը զուգադիպի[ն] Գոլէճիդ տասնամեակի հանդիսութիւնները: Յուսամ խաչաձեւում չ’ըլլար մեր հանգանակութեան ծրագրին: Այս հարցերու մասին պիտի փափաքէի, որ գրես, որովհետեւ ես անձնապէս եւ մեր կազմակերպութիւնը քու վրադ մեծ յոյսեր դրած է: Ինչ կը վերաբերի Գոլէճիդ տասնամեակի հանդիսութեան, եթէ մեր հոն այցելած օրերուն զուգադիպի եւ յարմար կը նկատես, որ օգտուելով իմ ներկայութենէս ողջոյնի քանի խօսք ալ ես ըսեմ Գոլէճիդ տասնամեակին առիթով, լիբանանահայութեան անունով, կարծեմ լաւ զուգադիպութիւն մը կ’ըլլայ: Քու հայեցողութեանդ կը ձգեմ անիկա…:

Մինչ այդ, մենք ձեռնարկած ենք նախապատրաստական աշխատանքներու: Քու լայն փորձառութենէդ բխող թելադրութիւններ եթէ ունիս, լաւ կ’ըլլայ որ անմիջապէս ղրկես մեզի, որքան ալ զբաղումներդ շատ ըլլան: Մեզի համար եւ «Սահակեան»ի ապագային համար կենսական եւ վճռական նշանակութիւն ունի այս հանգանակութիւնը: Կոչուած է ան դուրս բերելու «Սահակեան»ը իր մնայուն տնտեսական տագնապէն, որ աւելի շեշտուեցաւ լիբանանեան պատերազմի ընթացքին:

Սպասելով քու շուտափոյթ պատասխանիդ,

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 16 Դեկտեմբեր 1986[cdxxi]

 

Սիրելի Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան,

Լոս Անճելոս.

Ատենին ստացած եմ ծրարդ, որ իր մէջ կը բովանդակէր գլխաւորած Գոլէճիդ տարեգիրքը, յառաջիկայ տարուան սեղանի եւ գրպանի օրացոյցները, այլ պրոշիւրներ, ծանուցաթուղթեր եւն.: Անկէ քիչ ետք ստացայ նաեւ Նոր Տարուան շնորհաւորական բացիկը Միջազգային Գոլէճի նկարով: Կը թուի թէ նամակ գրելու շատ ժամանակ չես գտներ: Կը հասկնամ: Վարչական գործերը առիթ չեն տար: Ընդունէ՛ շնորհակալութիւններս այն ուշադրութեան համար, որ կ’արժանացնես զիս ուղղակի ինծի ուղարկելով Գոլէճիդ հրատարակութիւնները: Որքան որ կը հետեւիմ՝ Միջազգային Գոլէճը նիւթական բարերարներու մեծ թիւ մը ունի: Անոնք անհրաժեշտութիւն են Գոլէճին գոյատեւման, զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար: Մեզ ալ դասէ՛ բարոյական եւ մտաւորական բարերարներու շարքին, ինչ որ կը զգացնես արդէն: Բաւական ուշադրութեամբ թղթատեցի ղրկածներդ եւ մանաւանդ տարեգիրքը: Տարեգիրքի բովանդակութենէն անգամ մը եւս տեղեկացայ այն բեղուն կեանքին կրթական եւ մշակութային մարզերէն ներս, որ իւրաքանչիւր հայու հպարտութիւնը կը կազմէ: Ինծի համար յատկապէս գնահատելի կը մնայ նաեւ կազմակերպած գրական համագումարներդ եւ հայագիտական հրապարակային դասախօսութիւնները:

Փրոֆ. Գէորգ Խրլոբեանին ջերմօրէն ղրկած բարեւը առի տոքթ. Միհրան Սիմոնեանին[cdxxii] միջոցաւ:

Եթէ առիթ մը գտնես, ինծի ուղարկէ, որ Ձեր գոլէճին շրջանաւարտները հայ կեանքին ծառայութեան մէջ ինչ դեր կը կատարեն: Իմ պատկերացումիս մէջ, Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճը անով նաեւ կ’արժեւորէ իր դերը. այսինքն՝ ամերիկահայութեան համար պատրաստելով հայ մտաւորականներ, ուսուցիչներ, ազգային գործիչներ: Կ’ուզեմ այդ մասին անդրադառնալ մօտիկ ապագային:

Նոր Տարին մօտ ըլլալուն՝ կը շնորհաւորեմ քու եւ ընտանիքիդ Նոր Տարին, մաղթելով որ 1986 տարին ըլլայ բեղուն եւ արդիւնաւոր տարի մը՝ քեզի անձնապէս եւ Գոլէճիդ համար:

 

Սիրալիր բարեւներով՝

[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Արմէն Տօնոյեանին

 

[Պէյրութ,] 18 Մայիս 1983[cdxxiii]

 

Սիրելի պրն. Արմէն Տոնոյեան,

Լոս Անճելոս.

Ուշացումով, բայց խոստումս յարգեցի, գրելով «Նաւասարդ»ի մասին: Ուշացումին պատճառներէն մէկը այն էր, որ ծրարը որ ինծի յանձնեցիր, դժբախտ արկածի մը հանդիպեցաւ: Պէյրութ վերադարձիս, ի զուր փնտռեցի «Նաւասարդ»ներու ծրարը: Չգտայ: Կորսնցուցած ըլլալու ափսոսանքը ունեցայ: Անմիջապէս գրեցի Լոս Անճելոսի մեր իջեւանած տան ազգականներուն: Պատասխանը ժխտական էր: Այսինքն ծրարը հոն մոռցուած չէր: Գրեցի Նիւ Եորք: Բարեբախտաբար հոն մոռցուած էր: Մինչեւ Պէյրութ հասաւ ապահով միջոցներով, ժամանակ անցաւ: Անփութութեանս մի՛ վերագրեր: Իւրաքանչիւր ճամբորդի կեանքին մէջ պատահող «արկած»ներ են ասոնք: Հիմա ուրախ եմ, որ վերագտնուեցան:

Գրեցի «Արարատ»ի մէջ: Կը ղրկեմ քեզի օրինակ մը: Եզրակացութեան մէջ յարատեւութիւն եւ բարի երթ մաղթած եմ: Առանց լուր մը ունենալու թէ «Նաւասարդ»ը կը շարունակուի՞, թէ՞ դադրեցաւ արդէն: Ինչպէ՞ս լուր ունենամ: Բացի այն երկու թիւերէն, որ հոն եղած ատենս յանձնեցիր, ուրիշ որեւէ թիւ չեմ տեսած: Ուրախ եւ շնորհակալ պիտի ըլլամ, եթէ ստանամ:

Սիմոն Սիմոնեանի[cdxxiv] յոբելենական հանդիսութիւններու[cdxxv] մասին կցկտուր տեղեկութիւններ միայն ունեցայ: Մեր այստեղի մամուլէն: Շնորհաւորելի էր նախաձեռնութիւնը: Գրական Խմբակի տղաքը լաւ գործ մը տեսան: Սիմոն Սիմոնեանը արժանի էր այդ գնահատութեան: Որովհետեւ Հայկական Սփիւռքի գրչի վաստակաւորներէն է: Պատիւս արժանաւորաց:

Ես շնորհակալ եմ նաեւ ինծի հանդէպ Գրական Խմբակի ցոյց տուած հետաքրքրութեան եւ յատկապէս քու անկեղծ ոգիով պատրաստած զեկոյցիդ համար: Բարեւէ՛ Գրական Խմբակի տղոց՝ մէկ առ մէկ:

Յարատեւութիւն կը մաղթեմ գրական աշխատանքներուդ մէջ: Լոս Անճելոսի հայկական գաղութը ստացած իր նոր աշխուժութեամբ կը խորհիմ ի վիճակի պիտի ըլլայ պահելու գրական թերթ մը:

Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով, բարեկամաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Փարամազ Տօնիկեանին

 

[Պէյրութ,] 19 Յունուար 1985[cdxxvi]

 

Կ. ՏՕՆԻԿԵԱՆ ԵՒ ՈՐԴԻՔ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ

 

Յարգելի պր. Փարամազ Տօնիկեան

Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք հրատարակչատան կ’առաջարկեմ իր գրական մատենաշարով լոյս ընծայել Վահան Տէրեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով ՀԱՏԸՆՏԻՐ մը, հետեւեալ բովանդակութեամբ:

Ա.– 140 քերթուածներ:

Բ.– Վահան Տէրեանի կենսագրական գիծերը:

Գ.– Վահան Տէրեանի գրական վաստակին եւ արժէքին գնահատութիւնը:

Դ.– Վկայութիւններ Վահան Տէրեանի մասին:

Ե.– Մատենագրութիւն:

Սոյն հատորին խմբագրական աշխատանքներուն համար հեղինակային իրաւունք որպէս կ’առաջարկեմ 1500 (հազար հինգ հարիւր) լ. ո. եւ տպուած հատորէն 50 օրինակ:

Եթէ տպագրական փորձերու սրբագրութիւնը վստահուի ինծի,– թելադրելի է որ վստահուի,– սրբագրական աշխատանքին համար՝ 500 լ. ո.:

Բ. տպագրութեան արժանանալու պարագային՝ 50 օրինակ նոր հրատարակուած հատորէն որպէս իրաւունք կը տրուի խմբագրին:

Հատորին մէջ կը դրուի՝ խմբագրեց Պէպօ Սիմոնեան:

Նիւթական հատուցումը կը կատարուի հատորին լոյս ընծայումէն ետք:

Ձեր դրական պատասխանը ունենալէս անմիջապէս ետք, կը ձեռնարկեմ աշխատանքի:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

Ծանօթ.– Վահան Տէրեանի ՀԱՏԸՆՏԻՐին շուրջ Ձեր համաձայնութիւնը ունենալու պարագային, կը ներկայացնեմ այլ առաջարկներ Ձեր գրական մատենաշարին համար:

 

*          *          *

 

 

  1. Խաչիկ եւ Արաքսի Փիլիկեաններուն

 

[Նիւ Եորք,] 9 Օգոստոս 1982[cdxxvii]

 

Սիրելի Խաչիկ եւ Արաքսի Փիլիկեաններ,

Նիւ Ճըրզի.

Նիւ Եորքի ժամով ժամը 8-ին հասանք Քենետիի օդակայանը: Ինչպէս արդէն Լոնտոնի օդակայանը տեղեկացանք, Լոնտոնէն Նիւ Եորք առաջին կարգով ճամբորդեցինք: Իրապէ՛ս բարեբախտութիւն եղաւ: Այլապէս մեզի պէս մտաւորական-ուսուցիչ դասակարգը չի կրնար երազել անգամ: Առաջին կարգով ճամբորդողները մեզի հետ տասը հոգի էին: Իշխանի պէս ճամբորդեցինք, հակառակ Խաչիկին՝ իշխանաւորներուն հանդէպ զգացած հակակրանքին, ընկերային իմաստով: Օգտուեցանք «քափիթալիզմին» ստեղծած բարիքներէն: Նման երկար ճամբորդութեան մը համար իրապէս վարձատրութիւն եղաւ: Այդ վարձատրութիւնը արդար էր յատկապէս Ազատուհիին համար, որ երեք շաբթուան ծանր ուսումնական յայտագիր մը դիմագրաւեց Redding-ի համալսարանէն ներս:

Գրեթէ չզգացինք 7 ժամուան ճամբորդութիւնը: Իրերայաջորդ հիւրասիրութիւնները ոչ միայն մեր քիմքերը գոհացուցին, այլ զբաղ պահելով, ճամբան կարճցուցին: Կարճ կապելու համար, կը մաղթեմ Ձեզի ալ նման որակի ճամբորդութիւն:

Մենք միացանք մեր զաւակներուն: Օդակայան եկած էին Ազատուհիին քրոջ աղջկան եւ նշանածին հետ մեզ դիմաւորելու: Իրապէս լաւ բան է ճամբորդողին համար դիմաւորող ունենալ…: Մեր Լոնտոն ժամանումն ալ լաւ տպաւորութեան յիշատակը կը պահէ ձեզմէ: Մեր ճամբորդական տպաւորութեան մէջ անմոռանալի կը մնայ Ձե՛ր՝ տէր եւ տիկին հարազատի անկեղծութեամբ եւ սրտբացութեամբ հիւրընկալութիւնը: Առաջին օրուան ընդունելութիւնը, մեզ հոգեպէս լաւ վիճակի մէջ պահելով, պատրաստեց Անգլիա մեր այցելութեան հաճելի կեցութիւնը…: Գեղեցիկ մուտք մը եղաւ: Բանաստեղծական բառով մը՝ նախերգանք: Ինչ որ է, յետոյ կը շարունակեմ…:

Պզտիկներուն հետ կուշտ ու կուռ ողջագուրուեցանք: Իրենք մեզմէ, մենք իրենցմէ կարօտնիս առինք: Կը մաղթեմ, որ ձեր առջինեկն ալ սիրուն մանչ մը ըլլայ… իշալլա՜… (Ականջը խօսի Արաքսիին…): Իրենք մեզի, մենք իրենց պատմեցինք երեք շաբթուան մեր յայտագիրներու[ն] մասին: Մեր պատմածներուն մէջ դուք միշտ ներկայ էիք: Ինչպէ՛ս մեզ ընդունեցիք: Ինչպէ՛ս երկու առիթներով մեզ հիւրընկալեցիք Ձեր տան մէջ: Որքա՜ն ուրախացանք, որ ունեցած էք Ձեր սեփական երդիքը: Ուրախութիւնս մեծ կ’ըլլայ ամէն անգամ, որ արուեստագէտ մը կամ մտաւորական մը կ’օժտուի սեփական տունով: Պատմեցինք թէ ինչպէ՛ս Դուք՝ տէր եւ տիկին մեզի օգտակար եղաք նախ հետաքրքրուելով մեր կեցութեամբ, հոգածու վերաբերումով ձեր կազմակերպած գեղեցիկ պտոյտներով: Ըսինք իրենց թէ առանց Ձեզի պէս անկեղծ ու ջերմ բարեկամներու ցուցաբերած հարազատութեան, նո՛յն բովանդակութիւնը պիտի չունենար Անգլիա մեր կեցութիւնը: Այս տպաւորութիւններու փոխանցումէն ետք, Տիգրանն ու Ռազմիկը կու գան իրենց ջերմագին շնորհակալութիւնները յայտնելու Ձեզի, պապային եւ մամային հանդէպ Ձեր ցուցաբերած հոգածու վերաբերումին համար: Փափաք կը յայտնեն անպայման Ձեզի ծանօթանալ: Այդ ծանօթացման վայրը Լոնտոն ըլլայ կամ Պէյրութ: Հարկաւ այս օրերուն կարելի չէ Պէյրութի մասին մտածել: Օր մը երբ Լիբանան իրապէս իր խաղաղութիւնը գտնէ, այն ժամանակ Ձեզ Պէյրութ, մեր յարկին տակ ընդունիլը մեզի համար հաճոյք պիտի ըլլայ: Մաղթենք, որ այդ օրը շուտ գայ:

Շաբաթ, 7 Օգոստոսին հասնելէ ետք նախ հանգչեցանք: Ճաշակելու մասին չէինք կրնար մտածել, որովհետեւ օդանաւին մէջ ճաշելու արարողութիւններէն յագեցած էինք լիովին…: Հանգիստէ մը ետք կարճ պտոյտ մը կատարեցինք պզտիկներուն հետ: Յետոյ քնացանք: Անշո՛ւշտ ժամանակացոյցի տարբերութիւնը որոշ չափով ազդեց մենք մեզ գտնելու տեսակէտով: Կիրակի առաւօտ եկեղեցի գացինք եւ պատարագի ներկայ գտնուեցանք: Կէսօրէ ետք դարձեալ տունէն դուրս չելանք՝ մենք մեզ կատարելապէս գտնելու համար: Այսօր առաւօտ, երկար քունէ մը արթննալէ ետք լաւ կը զգանք: Ձմեռուան պէս անձրեւեց: Այսօր որոշած ենք տունը մնալ եւ հեռաձայնով ժամադրութիւններ կարգադրել: Յուսանք հոս ալ արդիւնաւոր կ’անցնին մեր օրերը: Առայժմ 15 օր Նիւ Եորք պիտի մնանք: Յետոյ տեսնենք: Գանատան արդէն կը նախապատրաստուի մեզ ընդունելու: Եղբօրդ՝ Յովհաննէսին կը բարեւես: Պէյրութ վերադառնալէս ետք կը մտածեմ հետը հաղորդակցիլ: Դուք ալ յաջորդ նամակս սպասեցէք Պէյրութէն: Խէրով ու բարով մեր վերադարձէն ետք:

 

Սիրոյ եւ կարօտալի բարեւներով՝

Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններ

[ստորագրութիւնները կը բացակային]

 

Առաջին էջին վերը, էջի վերին սահմանին ու նամակի առաջին տողին միջեւ տարածութեան մէջ գրուած է Այս է մեր հասցէն Նիւ Եորքի: Պահարանին վրայ գրուածը:

 

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 12 Հոկտեմբեր 1982[cdxxviii]

 

Սիրելի Խաչիկ եւ Արաքսի Փիլիկեաններ,

Լոնտոն.

Խոստումս յարգելով՝ Նիւ Եորքէն գրեցի Ձեզի: Պատասխան չէի ակնկալեր: Յուսամ ստացած էք: Մենք մեր ամերիկեան շրջապտոյտը վերջացնելով 15 Սեպտեմբերին, թռիչք առինք Նիւ Եորքէն եւ 18 Սեպտեմբերին արդէն Պէյրութ էինք: Քաղաքը կը գտնուէր սպանեալ նախագահին[cdxxix] մահով յառաջացած ձգտուած կացութեան մէջ: Մեր Պէյրութ հասնելէն քանի մը օր ետք, նորին ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ: Ազգային միասնականութեան լաւատես մթնոլորտով կը յատկանշուի այսօրուան Լիբանանը…: Բոլոր անոնք, որոնք ինծի պէս Լիբանանին կառչած կը մնան, ուզեն-չուզեն լաւատես պիտի ըլլան Լիբանանի ապագային հանդէպ: Մնաց, որ հիմա այլեւս աւելի պատճառներ կան լաւատես դառնալու: Ինծի պէս բոլոր Լիբանան ապրողներուն ամենէն մեծ ուրախութիւնը այն է, որ ռումբերուն ձայները դադրած են: Խաղաղութեան աղաւնին սկսած է սաւառնիլ Լիբանանի երկնքին վրայ: Տայ Աստուած, որ ամօթով չմնանք մեր լաւատեսութեան համար…: Լիբանանի հայկական գաղութը անփոխարինելի է: Խաղաղութեան վերահաստատումը Լիբանանի մէջ, կենսական նշանակութիւն ունի հայկական գաղութին գոյատեւման մէջ:

Մեր Պէյրութ վերադարձին չմոռցանք Ձեզ: Մոռցած չըլլալու ապացոյցը տուինք ընտանիքիդ տուած մեր այցելութեամբ: Պատմեցինք եւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով նկարագրեցինք մեր Լոնտոն կեցութեան օրերու տպաւորութիւնները՝ Ձեզմէ: Հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին եւ ուրախացան: Հետաքրքրուեցան հարսին՝ Արաքսիին մասին: Ազատուհին զիրենք ամբողջապէս գոհացնող տեղեկութիւններ եւ տպաւորութիւններ փոխանցեց: Արաքսին պատճառ չունի կարծեմ, Ազատուհիին ջերմ ու դրական տպաւորութիւններու մասին կասկածելու:

Լսած ըլլալով Ձեր մանչ զաւակով բախտաւորուիլը, աչքերնին լուսեցինք:

Ալֆոնսը եւ Արսինէն[cdxxx] ներկայ էին մեր այցելութեան օրը:

Յայտնեմ, որ ես երազիս մէջ տեսայ ձեր որդեծնութիւնը, Նիւ Եորք: Երազիս մէջ անգամ ուրախացայ: Իսկ իրականութիւնը լսելով ալ, կրնաք պատկերացնել մեր ուրախութիւնը…: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք: Բարի զաւակ: Հօր եւ մօր պատկերով:

 

Եղբայրօրէն՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 6 Սեպտեմբեր 1985[cdxxxi]

 

Սիրելի Խաչիկ Փիլիկեան,

Լոնտոն.

Վաղուց է, որ կը մտածէի գրել քեզի: Ինչպէս գրականութեան պարագային ըսելիք պիտի ունենաս, որ գրիչդ ձեռք առնես, նամակագրութեան մէջ ալ, միա՛յն որպիսութիւնը հարցնելու համար չ’արժեր գրասեղանին առջեւ նստիլ:

Անցեալ Փետրուարին հովի պէս եկար, հովի պէս անցար: Ըսել կ’ուզեմ, որ երկար ժամանակ եւ առիթ չունեցանք նստիլ խօսելու, զրուցելու: Այնքան կլանուած էիր երգահանդէսովդ, իրաւունք ալ ունէիր, որ պատեհութենէ կը զրկէր քեզ բարեկամներուդ հետ ըլլալու: Ճշմարիտ արուեստագէտի կեցուածքէն եւ նախանձախնդրութենէն կը թելադրուէր այդ խստապահանջութիւնդ արուեստիդ եւ անձիդ նկատմամբ: Անոր ապացոյցը կազմեցին այն երգահանդէսները, զորս տուիր Պէյրութի մէջ, ինչ փոյթ թէ մեզ որպէս բարեկամ զրկեցիր կարգին միասին ըլլալու առիթէն: Լաւ տպաւորութիւն ձգած մեկնեցար: Այն ինչ որ գրեցի «Արարատ»ի մէջ, սրտէս բխած վկայութիւն էր արուեստիդ մասին: Բայց դուն միայն արուեստագէտ չես, այլ արուեստի մեկնաբան, արուեստաբան եւ մտաւորական: Այդ հանգամանքն է, որ աւելի կ’արժեւորէ անձդ: Երգիչներ՝ սոսկական իմաստով, շատ կան…: Յամենայնդէպս, իրապէս ուրախ եմ փետրուարեան մեր հանդիպումներուն համար:

Այն հարցազրոյցը, որ ունեցած էի քեզի հետ «Արարատ»ի համար, քու մեկնումէդ ետք լոյս տեսաւ: Բաւական ժամանակ պահելէ ետք, քրոջդ՝ Արսինէին յանձնեցի, որ կրնայ աւելի յարմարութիւն ունենալ քեզի հետ հաղորդակցելու: Ժիրայր Նայիրին ալ հարցազրոյցին հետ խմբագրական գեղեցիկ մուտք մը գրած էր: «Արարատ»ի մէջ տպուեցաւ նաեւ Կոմիտասի մասին գրած յօդուածաշարքդ: Արսինէն ծրար մը կազմած պիտի յանձնէր Եղիա Եղիազարեանին,[cdxxxii] բայց … ան ալ հովի պէս եկաւ, հովի պէս գնաց: Կ’երեւի Լոնտոնէն Պէյրութ եկողներուն ոճը այս է: Չեմ գիտեր անկէ վերջ ղրկե՞ց, թէ՞ ոչ:

Եղիա Եղիազարեանէն տեղեկացանք քու բերած գործակցութեանդ մասին: Ստացայ նաեւ ինծի մակագրուած հրատարակութիւնները՝ Քսան կախաղաններու 70-ամեակին առիթով: Ակնյայտ էր բանասիրական աշխատանքի ճիգդ: Մեծապէս կը գնահատեմ մերիններուն հետ հաստատած գործակցութիւնդ: Կը շարունակուի՞ արդեօք: Շարունակուելու պարագային, անպայման շահողը Լոնտոնի մեր շրջանակը պիտի ըլլայ: Այս օգտակար գործակցութեան մասին վերջերս տէր եւ տիկին Թորիկեաններուն[cdxxxiii] գրած նամակիս մէջ ալ անդրադարձայ: Լաւ տղաք են, հայրենասէր ու նուիրեալ տղաք են, բայց մտաւորական առաջնորդութեան կը կարօտին:

Այս ամառ տեղէս չկրցայ շարժիլ: Նպատակ ունէի Հայաստան երթալու թեկնածուական թէզիս պաշտպանութեան հարցերով, բայց վերջերս ապահովութեան վիճակին վատթարացումը կրկին արտաքին կապերն ու հաղորդակցութիւնները սառեցուց: Ազատուհին 15 օրերէ ի վեր արեւմուտք կ’ապրի, իսկ ես երկու մանչերուս հետ՝ արեւելք: Կարծես երկու տարբեր քաղաքներ եղած ըլլային…: Այս ալ մեր ապրած երկրին տարօրինակութիւնն է տասը տարիներէ ի վեր:

Արաքսիին բարեւէ՛ իմ եւ Ազատուհիին կողմէ, իսկ մանչդ համբուրէ՛:

 

Սիրով եւ բարեկամաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Երուանդ Քասունիին

 

[Պէյրութ,] 8 Փետրուար 1986[cdxxxiv]

 

Սիրելի դոկտ. Երուանդ Քասունի,[cdxxxv]

Խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի.

2 Յունուար 1986 թուակիր շրջաբերական Ձեր նամակը ձեռքս հասաւ 8 Փետրուարին, որուն անմիջապէս կը պատասխանեմ: Կը թուի թէ երկրէն ներս ստեղծուած կացութինն է պատճառը: Աս ալ կ’ըսեմ անոր համար որ «Հայկազեան Հայագիտական» տարեգիրքի համար նոր աշխատակցութեան ժամկէտը ճշդուած է «Մարտի առաջին շաբաթները»: Այսինքն՝ շրջաբերականին ձեռքս հասած թուականէն երեք շաբաթ ետք…: Համաձայն պիտի ըլլաք ինծի հետ որ կարճ է սահմանուած ժամանակամիջոցը գիտական հանդէսի մը աշխատակցութեան համար: Հետեւաբար որեւէ ուշացում՝ թերացում պիտի չնկատուի յուսամ…:

Ինչ կը վերաբերի աշխատակցութեան բնոյթին, որ խմբագրութեանդ կողմէ բնորոշուած է, Եղեռնի 70-ամեակին առիթով աշխատակցութիւնները ցանկալի կը նկատէք, որ մշակուին այդ բովանդակութեամբ:

Յայտնեմ կարծիքս: Եթէ Ձեր կարծիքին հետ հաշտ ըլլայ՝ կը դիւրանայ աշխատակցութեանս խնդիրը: Սահմանուած ժամանակամիջոցի համար նոր ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելու ի վիճակի չեմ զգար: Ունիմ սկսուած, բայց չվերջացած, կամ վերամշակումի կարօտ ուսումնասիրութիւններ: Անոնցմէ մէկը կը պատշաճի Եղեռնի 70-ամեակին: Նահատակ գրագէտներէն Մելքոն Կիւրճեանի (Հրանդ) մասին ուսումնասիրութիւն մը: Ձեռնտու է ինծի համար զայն վերամշակելը: Իսկ երկրորդը՝ Փարիզի «Մենք» ամսագրի[cdxxxvi] մասին սկսուած աշխատանք մը ունիմ, որ կիսատ մնացած է, այս առիթով զայն կրնամ ամբողջացնել: Ան ալ անուղղակի առնչութիւն ունի Եղեռնի[ն] հետ, քանի Եղեռնի[ն] յաջորդող գրական սերունդի ճիգերը «Մենք»ի էջերէն վերլուծման կ’ենթարկէ:

Այս երկուքէն որեւէ մէկուն նախընտրութիւնը ազնիւ գտնուեցէք տեղեկացնելու:[cdxxxvii]

Որպէսզի անցեալի անհասկացողութիւնը չկրկնուի, աշխատակցութեանս վերաբերեալ որեւէ բառային կամ գաղափարի փոփոխութիւն առանց աշխատակիցին հաւանութեան ենթարկելու պէտք չէ կատարուի…: Ինչ կը վերաբերի «Մատենագիտական» հատորին համար պահանջուած նիւթերուն, զանոնք կ’ունենաք անմիջապէս:

Քաջալերելով Ձեր հետեւողականութիւնը, լիակատար յաջողութիւն կը մաղթեմ:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Գրիգոր Քէօսէեանին

 

[Պէյրութ,] 14 Դեկտեմբեր 1982[cdxxxviii]

 

Յարգելի պրն. Գրիգոր Քէօսէեան,[cdxxxix]

Պոսթոն.

Սիրելի Գօգօ,

Գիտեմ ուշացուցի նամակս: Հակառակ կամքիս: Կրնաս պատկերացնել վիճակս, վերադարձէս ասդին: Դպրոցական եւ հանրային այլ պատասխանատուութիւններ զիս կլանեցին՝ քիչ ժամանակ ձգելով սիրած բաներս ընելու…: Ժամանակիս մեծագոյն մասը գրաւեց[ին] կրթական աշխատանքներն ու մտահոգութիւնները: Մտահոգութիւնները, որոնք առանձնապէս իմս չեն, այլ կրթական բոլոր պատասխանատուներունը: Լիբանահայ դպրոցը կը դիմագրաւէ տնտեսական տագնապ մը: Տնտեսական նման տագնապի մը դիմաց, «Սահակեան»ը ենթարկուեցաւ նոր աղէտի մը: Կարծես քիչ ըլլային պատերազմի ամբողջ ընթացքին կրած վնասները…: Դպրոցին կից զէնքի պահեստանոցի մը պայթումը ջարդուփշուր ըրաւ բոլոր ապակիները: Ա՛լ կրնաս երեւակայել ձմեռնամուտի սեմին կրթական վերամուտ կազմակերպելու դժուարութիւնները…: Այս բոլորը՝ ի մէջ այլոց…:

Չեմ մոռցած քեզ… եւ քեզի ըրած խոստումներս…: Բայց կը սպասեմ, որ խոստումներս յարգելու կացութիւնս վերագտնեմ: Գտնելու վրայ եմ: Գտնելու ճանապարհին վրայ ընդունեցի այցելութիւնը սիրելի քրոջդ՝ Արսինէին, որ քեզմով կ’ապրի: Իր այցելութիւնը ազդանշան մըն էր խոստումներս յիշելու: Ուրախ եղայ…: Կան մարդիկ որ իրենք խոստումներէն կը փախչին, ես ընդհակառակը, յիշեցնողէն շնորհակալ կ’ըլլամ…: Արսինէէն շնորհակալ եմ: Շնորհակալ եմ նաեւ այն բանին համար, որ տրամադրութեանս տակ դրաւ «Պայքար»ի[cdxl] այն թիւերը, որոնք արուեստագէտի եւ մտաւորականի զոյգ արժանիքներուդ դրոշմը կը զգացնեն: Թերթին պատասխանատուները ճիշդ մտածեր են քեզ հրաւիրելով եւ համոզելով, որ ընդունիս խմբագրի պաշտօնը: Քեզի ծանօթ ճշմարտութիւն մը կրկնելու գնով ըսեմ, որ ապերախտ է շատ յաճախ հայ կեանքը, իր նուիրեալներուն հանդէպ: Բայց գիտնալով ասիկա հայ մամուլին նուիրուիլը, սրտառուչ բառեր չգործածելու համար, չըսեմ թէ հերոսութիւն է… Յամենայնդէպս, շահուած ուժ մըն ես հայ մամուլի ծառայութենէն ներս: Մանաւանդ ամերիկահայ մամուլին համար, որ աւելի քան ուրիշ որեւէ հայկական գաղութ, կը զգացնէ պահանջքն ու անհրաժեշտութիւնը քեզի պէս մտաւորականներու բոլորանուէր ծառայութեան: Ես ալ, եթէ կրթական գործի մէջ չգտնուէի, պիտի ուզէի հայ մամուլի ծառայութեան մէջ գտնուիլ: Կը շնորհաւորեմ որոշումդ…: Թղթատեցի հոս ղրկուած թիւերը: Կարդացուելիք գրութիւնները կարդացի…: Հանդիպեցայ ստորագրութիւններուդ… եւ ընթերցման վայելքը ունեցայ…: Բայց գիտեմ նաեւ, որ անստորագիր գրութիւններ ալ ունիս: Ամէն բանէ առաջ կը գնահատեմ «Պայքար»ին տրուած նոր ծաւալով բովանդակութեան լրջութիւնը: Այլազանութիւն մը նկատեցի, որ թերթը հետաքրքրական կը դարձնէ: Նաեւ բովանդակութեան մէջ ակներեւօրէն կը զգացուի գրական եւ մշակութային շեշտուած հակում մը:

Ինչ կը վերաբերի իմ աշխատակցութեանս խոստումին: Հակառակ իր ունեցած որոշ անպատեհութիւններուն, ամերիկահայ մեր շրջանակի մամուլը կրնայ սրդողիլ, [եթէ] պիտի բերեմ աշխատակցութիւնս: Բայց կ’ուզեմ գիտնալ թէ ի՞նչ նիւթերու շուրջ աշխատակցութիւններ կրնան հետաքրքրութիւն ստեղծել: Տօնական օրերու արձակուրդէն օգտուելով պիտի գրեմ «Գրիգոր Քէօսէեանի Գառզուն» յօդուածը եւ «Ամերիկահայ արժէքներէն – Դիմաստուեր Բերկրուհի Սվաճեան-Նաճարեանի» ակնարկը: Առաջին հերթին կրնամ զանոնք ղրկել: Կ’ուզեմ ունենալ կարծիքդ: Բացի կարծիքդ ունենալէ, կարելի է նաեւ «Պայքար» ունենալ: Կը սպասեմ…:

Մեր Մեծն Պոսթոն մէկ ու կէս օրուան այցելութենէն եթէ գոհ վերադարձանք, ատիկա քոյր ու եղբայր Քէօսէեաններու ազնիւ հիւրասիրութեան հետ ցուցաբերուած ջերմութենէն էր: Մէկ բանին կ’ափսոսանք, որ շատ կարճ էր, ստիպումի տակ, որուն պատճառաւ կարելի չեղաւ ծանօթանալ կարգ մը մտաւորական դէմքերու: Յաջորդ անգամ: Յամենայնդէպս, ջերմօրէն բարեւէ՛ շուրջդ եւ թերթին շուրջ գտնուող մտաւորականները:

 

Սիրով՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 11 Ապրիլ 1983[cdxli]

 

Սիրելի պրն. Գրիգոր Քէօսէեան,

Մեծն Պոսթոն.

Յուսամ 14 Դեկտեմբեր 1982 թուակիր նամակս ստացար: Այնուհետեւ, Շահնուրեան շաբթուան առիթով, Պէյրութ տալիք այցելութիւնդ սպասեցի: Ինծի պէս շատեր յուսախաբ դարձուցիր: Շահնուրը իր մտերմութեան մէջ ճանչնալու գեղեցիկ առիթ մը կորսնցուցին շահնուրասէրները: Շահնուրեան շաբաթը քու դասախօսութեամբդ գեղեցիկ ամբողջութիւն մը պիտի կազմէր: Չեկար, որպէսզի բացակայութիւնդ կ’երեւի աւելի զգալի դառնայ: Ես վերագրեցի քաղաքական անապահով կացութեան, որ այդ շրջանին, առաւել շեշտուեցաւ Լեռնալիբանանի բռնկումով: Յամենայնդէպս, Ազատուհին որոշած էր միայն քու դասախօսութեանդ ներկայ գտնուիլ, զրկուեցաւ…: Ինչ կը վերաբերի շաբաթին, «Արարատ»ի մէջ անդրադարձայ՝ զայն նկատելով գրական խնճոյք մը լիբանահայ գրասէրներուն համար:

Պոսթոն մեր գտնուած օրերուն, ակնարկած էիր Փետրուարին Պէյրութ այցելութեանդ մասին: Եթէ գայիր, աւելի անմիջականօրէն զրոյց կը բանայինք մեզ հետաքրքրող նիւթերու մասին: Այդ շրջագիծի[ն] մէջ կը մտնէր նաեւ «Պայքար»ի աշխատակցութեան հարցը:

Ես խոստումս յարգեցի Գառզուի մասին հեղինակած գիրքիդ մասին գրելով «Արարատ»ի մէջ: Այդ թիւը կ’ուղարկեմ քեզի: Ասով վերջացած չեմ նկատեր: Ազատ ժամանակի մը ընթացքին աւելի լայն տարողութեամբ պիտի անդրադառնամ եւ հետեւաբար զայն յանձնեմ «Շիրակ»ին: Մինչեւ հիմա գրած կ’ըլլայի, բայց այս տարի ամբողջութեամբ կլանուած եմ «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական հանդիսութիւններով: Սիրած բաներու, այսինքն գրական աշխատանքներու, քիչ ժամանակ կը մնայ: Ինչ որ կը գրեմ՝ գողցուած պահեր են կամ հանգիստէս խլուած ժամեր:

Միայն մէկ անգամ, քրոջդ բերած թիւերով, «Պայքար»ը տեսայ: Յուսամ կը շարունակես խմբագրի պաշտօնդ: Յուսախաբ չեղար…: Ազատուհին ջերմօրէն կը բարեւէ քեզի եւ քրոջդ՝ Էլիզին:

Վերստին տեսնուելու ցանկութեամբ եւ բարեկամաբար,

 

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Ռոմէն Քոզմոյեանին

 

[Պէյրութ,] 20 Օգոստոս 1984[cdxlii]

 

Սիրելի Ռոմէն,

Մենք այսօր ընտանեօք Քեսապ կ’ուղեւորուինք մեր ընտանեկան արձակուրդն ու հանգիստը հոն անց[ը]նելու համար: Պիտի վերադառնանք 3 Սեպտեմբեր, Երկուշաբթի օր: 6 Սեպտեմբեր, Հինգշաբթի, մօտդ պիտի գամ Մշակութային կեդրոն,[cdxliii] ժամը 11-ին: Այժմէն ժամադրուած եմ:

Ինչպէս պայմանաւորուած էինք, կը ղրկեմ նաեւ հարցազրոյցի համար պատրաստած հարցումներս: Կը սպասեմ, որ մինչեւ վերադարձս պատասխաններդ շարադրես: Եթէ քու հայեցողութեամբդ տրուած հարցերէն որեւէ մէկը անպատեհ կը գտնես, կրնաս ուրիշով մը փոխարինել:

Մինչ այդ յուսամ որոշած կ’ըլլաս նաեւ հրատարակութեան ժամկէտը:

Ջերմագին բարեւներով Այտային,[cdxliv] մնամ սիրով՝

 

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

 

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

ՌՈՄԷՆ ՔՈԶՄՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ[cdxlv]

Ծ.Խ. Հայրենի կառավարութեան ներկայացուցիչի համգամանքով պր. Ռոմէն Քոզմոյեան չորս տարիներէ ի վեր կը գտնուի Լիբանան: Իր պաշտօնավարութեան լրումին եւ իր մեկնումին առիթով «Արարատ»ի խմբագրութեան անունով Պէպօ Սիմոնեան ունեցաւ հարցազրոյց մը հայրենանուէր պետական գործիչին հետ: Արդարեւ, Ռոմէն Քոզմոյեան, որ Պէյրութ գործուղուելէ առաջ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան մէջ ձեռնհասօրէն կը վարէր Միջին Արեւելքի բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը, իր պաշտօնին գծով արդէն լաւատեղեակ էր Միջին Արեւելքի հայութեան հարցերուն: Ազգապահպանման համար ընծայուելիք հայրենի օժանդակութեան բնոյթին: Ճիգ ու ջանք չէր խնայած ան, ներկայացուած հարցերու եւ պահանջներու բարեյաջող լուծումին, ի խնդիր Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման:

Լիբանան պաշտօնավարութեան չորս տարիները զուգադիպեցան լիբանանեան պատերազմի ողբերգութեան հետ, հայկական գաղութին դիմագրաւած ազգային տագնապին: Հայրենասէր պետական գործիչի սրտցաւութեամբ եւ նուիրումով ան ապրեցաւ հայկական սփիւռքի մայր գաղութին սպառնացող վտանգներուն ազգավնաս տարողութիւնը եւ միացնելով իր ջանքերը լիբանահայ գաղութը պահելու եւ պահպանելու ուղղութեամբ եղած ջանքերուն, բերաւ գնահատելի իր նպաստը:

Սերտօրէն կապուեցաւ ազգապահպանման կռուաններուն եւ հիմնարկներուն՝ հայ դպրոցին, հայ մամուլին, մշակութային միութիւններուն եւ հայ մտաւորականութեան եւ բոլոր անոնց հետ, որոնք Հայրենիքին ծարաւը ունէին կամ հայրենի կառավարութենէն՝ ակնկալութիւններ իրենց ազգապահպանման նախաձեռնութիւններուն համար: Իր գործելու եւ ցուցամոլութենէ հեռու մնալու ոճը սիրելի ու համակրելի անձնաւորութիւն մը դարձուց զինք, բոլորին: Համարում շահեցաւ եւ լաւապէս տպաւորեց բոլոր անոնք, որոնք իր[են] հետ գործ ունեցան: Կը մնայ մաղթել, որ ան Հայրենիք վերադարձին, շահուած նոր փորձառութիւններու բերումով շարունակէ ծառայել Հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու առաւել զարգացման, ամրապնդման հայրենասիրական նպատակին:

1.– Սիրելի Ռոմէն, ըլլալով չորս տարիներէ ի վեր լիբանանահայութեան մէջ, Լիբանանի հայութեան ապրած ողբերգութեան հետ, ի՞նչ կը խորհիս հայկական սփիւռքի մայր գաղութի գոյատեւման հնարաւորութիւններու եւ անոր ապագային մասին:

2.– Հայրենիքը որպէս պետութիւն եւ մտաւորականութիւն ի՞նչ եղանակներով եւ միջոցներով կրնայ իր օժանդակութիւնը բերել Լիբանանի հայ գաղութի պահպանման եւ գոյատեւման եւ ընդհանրապէս հայապահպանման:

3.– Լիբանահայ դպրոցներու, մշակութային միութիւններու եւ մտաւորականութեան հետ քու յարաբերութիւններէդ ի՞նչ կարգի հարցեր ուշադրութիւնդ գրաւեցին, որոնց արծարծումը օգտակար կը համարես Հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտով:

4.– Ինչպէ՞ս կը գնահատես Լիբանանի ճիգերը, պատերազմի աղէտին եւ փորձութիւններուն դիմաց, պահելու եւ պաշտպանելու համար հայ համայնքի շահերն ու իրաւունքները:

5.– Արդէն սկսած է խօսուիլ 1985-ի Օգոստոսին Երեւանի մէջ կայանալիք սփիւռքահայ գեղարուեստի փառատօնի մասին: Կրնայի՞ք այս կարեւոր իրադարձութեան մասին համառօտ պատկերացում տալ մեր ընթերցողներուն:

6.– Ինչպիսի՞ մասնակցութիւն մը նախատեսուած է լիբանահայութեան գեղարուեստական խումբերու եւ արուեստագէտներու համար: Նախատեսուա՞ծ է արդեօք մասնակցութիւնը որպէս հիւր՝ լիբանանեան դէմքերու եւ արուեստագէտներու: Չէ՞ք կարծեր, որ նման հրաւէրներ մեծապէս կը ծառայեն հայ եւ արաբ բարեկամութեան զարգացման:

7.– Կ’ուզէի՞ք մեր թերթին էջերէն Ձեր հրաժեշտի խօսքը ուղղել լիբանահայութեան: Եւ մաղթանքներ, եթէ ունիք:

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 14 Օգոստոս 1985[cdxlvi]

 

Յարգելի ընկեր Ռոմէն Քոզմոյեան,

Երեւան.

Յուսամ Լիբանանէն բաժնուելով լիբանահայ գաղութի հարցերէն չհեռացաք: Բայց անպայման գտաք Ձեր խաղաղութիւնը հայրենի հողին վրայ՝ շրջապատուած Ձեր հարազատներով: Լիբանան պաշտօնավարած Ձեր տարիները անմոռանալի կը մնան: Քանիցս կրկնած եմ այս մէկը: Միայն իմ տպաւորութիւնս չէ եղած այս մէկը, այլ առհասարակ բոլոր անոնցը, որոնք գործ ունեցած են Ձեզի հետ:

Կարէնին[cdxlvii] նամակը, որ յանձնած էի, տարակոյս չունիմ, որ արդէն իր ձեռքը անցած է: Բարձրագոյն ուսման մինիստրութեան ուղղուած նամակս, որ կրկին Ձեր հետ վերցուցած էիք, պատասխանը չեմ ստացած տակաւին: Քանի մը օր առաջ ուսանողական վիզաներուն հասած ըլլալը լսած էի. հետաքրքրուեցայ դեսպանատունէն. իմս չէր հասած: Իմ խնդրանքս այն էր Ձեզմէ, որ այդ թուականին իմ ուսանողական վիզաս ալ հասնէր, որպէսզի Սեպտեմբերի սկիզբը Երեւան ըլլամ: Հապճեպով կը գրեմ այս նամակը, որ եթէ կարելիութիւնը կայ՝ անմիջապէս վիզաս ղրկուի, որպէսզի Սեպտեմբեր 1-ին, կամ ամենէն ուշը Սեպտեմբեր 7-ին հոսկէ ճամբայ ելլեմ: Անկէ ետք ուշ կ’ըլլայ, որովհետեւ վերամուտի արձանագրութիւնները կը սկսին: Ընկեր Մանուէլ Ադամեանին հետ ալ լուր ղրկած էի: Կը սպասեմ անմիջական պատասխանի:

Քու մեկնումէդ ասդին զգայացունց դէպքեր չպատահեցան: Ամբողջական խաղաղութիւնն ալ տակաւին հեռու է: Ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ երկուութեան մէջ կը շարունակենք տառապիլ: Որոշ ճամբաներ արեւմտեան Պէյրութը արեւելեան Պէյրութին կապող բաց են, բայց վտանգը միշտ ներկայ է: Անորոշութիւնը կը տիրէ յառաջիկայ ամիսներու առնչութեամբ, բայց մենք մեր լաւատեսութիւնը կը պահենք: Ազատուհին յատուկ կը բարեւէ Ձեզի եւ Այտային: Այտան ուրախ պէտք է զգայ, որովհետեւ զաւակներուն միացաւ եւ իր նախասիրութիւններուն գոհացում տուող մթնոլորտին մէջ կը գտնուի:

Յուսալով տեսնուիլ մօտ օրէն,

 

Սիրով եւ բարեկամաբար՝

Պէպօ Սիմոնեան

[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Ալիս Քուրումեանին

 

[Պէյրութ,] 9 Մարտ 1986[cdxlviii]

 

Ազնիւ տիկին Ալիս Քուրումեան,

Լա Վըրն.

2/18/1986 թուակիր նամակը Ձեր յարգելի ամուսինին՝ պր. Կարապետին ձեռամբ ստացայ իր «Սահակեան» այցելութիւն տուած առիթով, Ամերիկայէն վերադարձէն անմիջապէս ետք: Բաւական զրուցեցինք պր. Կարոյին հետ ասդիէն-անդիէն, Ամերիկայէն, Լա Վըրնի Գոլէճէն ներս Ձեր ստանձնած պաշտօնէն, ձեր զաւակներուն դպրոցական կեանքէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը եւ հայ համայնքին ազգային ճակատագիրը:

Ձեր նամակը կու գայ իմացնելու թէ տակաւին չէք մոռցած մեզ… եւ «Սահակեան»ը: «Սահակեան»ի օրերը վերյիշելով Ձեր արտայայտած ապրումները կը գնահատեմ եւ զգացուած եմ: «Սահակեան»ի ընտանիքին պատկանած ըլլալու ոգին ինչքան տպաւորեց զիս: Կը նշանակէ թէ «Սահակեան»էն ներս մեր գործակցութիւնը, բարեկամութիւնն ու անկեղծութիւնը յիշատակելի կը մնան ինչպէս Ձեր, նոյնպէս նաեւ մեր տպաւորութեան եւ յիշողութեան մէջ: Ես ընդհանրապէս գնահատողը եղած էի Ձեր անկեղծ ծառայութիւնն ու նուիրումը հայ աշակերտութեան:

Ուրախ եմ, որ Լա Վըրնի Գոլէճի[ն] մէջ պաշտօնավարութեան կոչուած էք: Հայագիտական գրադարանի ձեր մասնագիտութեան հայագիտական գրադարանի մէջ գործելը քաջալերական է: Հայ աշխարհին հետ, Հայաստան-սփիւռք Ձեր կապը անմիջական կ’ըլլայ: Ինչ որ Ձեր[cdxlix] սիրած բաներէն էր, որքան որ գիտեմ: Շնորհակալ եմ, որ «Արարատ» օրաթերթի[ն] հետեւելով առիթը կ’ունենաք նաեւ իմ յօդուածներս կարդալու: Իմ ալ սիրած բանս գրելն է: Ազատ ժամերս կա՛մ ընթերցանութեան կը յատկացնեմ, կա՛մ ալ՝ գրելու: 1986-ի Յունուարին լոյս տեսաւ «Մայրիներու Արմատները» հատորս:

Փրոֆ. Գէորգ Խրլոբեանին մօտէն ծանօթ եմ, լաւ բարեկամներ ենք: Շատ օգտակար դեր կը կատարէ Լոս Անճելոսի մէջ: Հայագիտական նիւթերու շուրջ իր խոր հմտութիւնը գիտէ հաղորդական ձեւով մատուցել եւ հետաքրքրութիւն ստեղծել հայագիտութեան շուրջ, որուն որքա՜ն կարիքը ունի ամերիկահայութիւնը: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ոեւէ հայ: Ամերիկահայ մամուլի միջոցաւ, կամ հոս արտատպուած յօդուածներով կը հետեւիմ եւ կը գնահատեմ փրոֆ. Գէորգ Խրլոբեանին գործունէութիւնը:

«Սահակեան»ի կեանքը կը շարունակուի: Երկու կարգի մտահոգութիւններ առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն: Առաջինը՝ հետզհետէ աշակերտական քանակին նուազումը. այս տարի անցեալ տարուընէ 25 աշակերտ պակաս ունի, շրջանի ապահովութեան վիճակը ժխտական դեր կը կատարէ. այդ մասին Դուք շատ լաւ կրնաք վկայել: Երկրորդը՝ նիւթական կացութիւնը, որ տարուէ-տարուի կը բարդանայ: Նիւթական կացութիւնը թեթեւցնելու եւ արմատական լուծում գտնելու առաքելութեամբ յառաջիկայ Մայիսի սկիզբը տոքթ. Արշակ Գազանճեանը որպէս Հ. Կ. Բ. Մ.ի Կեդրոնական Մարմնի ատենապետ եւ ես որպէս տնօրէն պիտի ձեռնարկենք Ամերիկա եւ Գանատա հանգանակութեան արշաւի մը: Մայիսի սկիզբը պիտի ըլլանք Լոս Անճելոս: Եթէ Տէրը կամի: Մեզի համար հիմնական նշանակութիւն ունի այս ուղեւորութիւնը: Հանդիպելու առիթ մը կ’ըլլայ նաեւ մեր բարեկամներուն:

 

Սիրով՝

[ստոր.` Պէպօ Սիմոնեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Քերոլայն Քոքսին

 

                                                                   [Beirut,] 9 September 1997[cdl]

 

Her Excellency

The Baroness Caroline Cox

House of Lords

1 Arnellan House

144/46 Slough Lane

Kingsbury NW9 8XJ

 

          Dear Baroness Cox,

The delay in answering your letter dated February 26, 1996 is not due to negligence, but to a desire to find the right moment to publish your letter and the translation of the poem “The Cross” in one of our Lebanese Armenian papers and send you a copy of the printed texts with my answer. The occasion was created when the inauguration of your bust by one of the talented Armenian sculptors, Sarkis Baghdassarian had to take place on August 22, 1997, at the entrance of the dispensary you had established in Stepanakert. Please find in that gesture of gratitude expressed by the Armenian people, my poet’s deepest feelings for your outstanding humanitarian work among my suffering and valiant people of Artsakh and your endless efforts to make the world understand their fight for survival and acknowledge their right for independence.

Please accept my thanks for the impressions you had expressed about my poem which meant so much to me and was a great encouragement. I also want to convey to you the sincere appreciation of your letter and the poem which many readers of the Nairi Weekly magazine expressed to me.

We were saddened by the news of the passing away of your husband. Please accept my wife Azadouhi’s and my heartfelt condolences on your great loss and our prayers for God’s comfort and strength at this time of sorrow.

May God bless your humanitarian projects and give you success in all your undertakings.

 

With best wishes,

Sincerely

[ստոր․՝ B. Simonian]

Bebo Simonian[cdli]

 

*          *          *

 

ԽԱՉԸ[cdlii]

 

Քերոլայն Քոքսին

 

Վիրաւոր մանկան անզուսպ ճիչերէն

եւ մեռելներու անձայն երգերէն

խաչը գմբեթէն ինկեր էր գետին

ու կը չարչարուէր մորմոքով հողին…

Հողէն ու քարէն

պոռթկումով ցայտած ծառերը անդին

հողի հեքիաթին

ու ազատութեան առասպելներուն համար հինաւուրց

կը բարձրանային լեռներն ի վեր, վեր

ու աւել վեր…

Խաչը հոն մինակ անհանգիստ-խռով

աչքերը յառած դէպի աստղերու

անհունը անլոյս

երկունքով անցաւ աղօթք կը ծնէր…

աղօթքները հոն կը թափառէին

խորշէ խորշ անտէր

սիրտէ սիրտ խոժոռ…

կը ծուատուէին անհագնամռունչ

արձագանգներէն

ձորին, ծոր-ծորին…

Բայց խաչին անմեռ ոգին ուժ կ’առնէր

ու ոտքի կ’ելլէր…

կը քալէր, կ’երկնէր որ աներկեւան

միախառնուի

անո՛նց երազին, որոնք կը կռուին

կը նահատակուին

դեռ ապրելու եւ ապրեցնելու

լեռնականներուն հողն հալածական

երկինքը բարի

ժայռերը խրոխտ

դաշտերը բերրի

տուները անճռինչ

գմբէթները սուրբ

ու խաչքարերու

աստուածներուն հետ

հաղորդութիւնը հանապազօրեայ…

Բարձունքներուն վրայ

լեռնականներու մօտ

խաչը կ’երերար, բայց չէր սասաներ…

անթաղ մեռնողին խաչքար կը դառնար

որ ան վերյառնէ…

կռուի մահուան դէմ,

կերպափոխումով

կը դառնար, կ’ըլլար երկինքէն իջնող

աղօթքի ծռւէն

սաղմոսի հիւսկէն,

որ անձայն, անշշուկ

մտնէ՜, ծաւալի ներս հոգիներէն…

թշնամիին հետ մահը զգետնող իբր սրբաքար

խաչը կը կանգնէր ու կը բաշխուէր

շունչի պէս արեան

արութեան ոգի՛

մահէն ու կեանքէն անդին սլացող

յաւերժի թրթիռ…

ու խաչը անհուպ

վեր սլանալով կը վերադառնար

հողի մեկնարկին…

կ’իջնէր նկուղներ

հողը իբր հաց եւ առօրեայ դեղ

հողապաշտներուն կը մատուցանէր…

Լռած ու ցամքած աղբիւրներու տեղ

ինքնաստեղծ ջուրի աղբերակ որպէս

ծարաւիները կը յագեցնէր…:

Նոր ծնող մանկան ճիչով ողողուն

տառապեալ հողին պաղատանքներուն

կը վերադառնար

ու հողերէն վեր

իբր սաւառնող աներկիւղ գմբէթ

փլող-քանդուող քաղաքին վերեւ

կը հսկէր իբրեւ Աստուծոյ աչքը

չարը խափանող

Խաչը պատսպար…:

 

Պէպօ Սիմոնեան

24 Սեպտ. 1995

 

*          *          *

 

About the author of “The Cross”[cdliii]

 

This poem about Karabakh is dedicated to Lady Caroline Cox. It is written by Bebo Simonian, a Lebanese-Armenian poet, educator and essayist. Simonian’s inspiration for this poem was “The Odyssey of An Englishwoman”, the Armenian book about Lady Cox’s visits to Karabakh.

Bebo Simonian’s literary career expands over three decades. As a prolific writer and intellectual of the Lebanese-Armenian community, he has authored over dozen books and numerous articles on Armenian culture, history, literature and political life. From 1975-1995 he was the Dean of Sahagian – L. Megerdichian College in Beirut.

Translator’s note: While the translation provides the general theme and meaning of the poem, it hardly expresses the poetic eloquence of the author. – Hratch[cdliv]

 

The autor’s address:

Mr. Bebo Simonian

c/o Azadouhi Kalaidjian

Lebanese American University

  1. O. Box 13-5053

Beirut, LEBANON

 

*          *          *

 

THE CROSS[cdlv]

 

For Caroline Cox

 

Wounded by the uncontrollable scream of the child

and the inaudible song of the dead

 

The cross had fallen down from the dome [of the church]

Suffering with the anguish of the land…

 

There… the trees gushed out from the soil and the stones,

ancient as the tale of the land and the myths of freedom,

were rising up high on the mountains, and up, further up…

 

There, the cross, lonely, desolate, troubled

looking up to the stars,

the lightless infinity

Was giving birth to prayers in painless labour…

 

Prayers were wandering there

forsaken from cave to cave

harsh from heart to heart

 

Roaring in fear, they were torn apart

by the echoes

of the valley, the hollow dale…

 

But the undying spirit of the cross was gaining strength

and standing upright…

 

It was walking, it was awe-filled to be fearlessly infused

in the dreams of those who fight

those who are martyred

to continue living and make

the persecuted land of the mountain-people

the righteous air

the proud rocks

the rich fields

the sorrow-free homes

the holy domes [of the churches]

live again

and with Khachkars [cross stones], with the gods,

daily communion…

 

High on top

among the mountain-people

the cross was trembling, but not frightened…

becoming a khachkar for the unburied dead,

so that [he] may resurrect…

fight against death.

 

Transfigured, it became

something descended from heaven

from ribbons of prayer

from thread-work of psalms,

so that, voiceless and in silence

it may enter, spread inside the hearts…

 

As a holy rock that topples death with the enemy

the cross was upright and was being shared

like the breath of blood

the spirit of the brave

soaring beyond death and life into the realm of the eternal

and the distant cross

by soaring up was returning to the original source of the land…

 

It descended into shelters

and offered the land-worshippers

the soil as daily bread and medicine…

In place of the silent and dry fountains

as self-created source of water

it quenched the thirsty…

Flooded with the scream of the newly-born

it returned to the beseeching-voice of the suffering land

and beyond the soil

as a soaring fearless dome

it watched over the smashed ruined city

like the eyes of God,

evil-chasing,

the safeguarding Cross… .

 

Bebo Simonian

24 September 1995

 

* Translated by Hratch Tchilingirian

 

*          *          *

[i] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Սեւագիր։

[iii] Ալֆոնս Ադդարեան (1922-1990) – Լիբանանահայ գրող, խմբագիր, թարգմանիչ։ Աւելի ծանօթ է Արմէն Դարեան գրչանունով։ Եղած է Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հիմնադիրներէն եւ կրտսեր եղբօր՝ Գառնիկի հետ Շրջանակի «Էջեր Գրականութեան Եւ Արուեստի» եռամսեայ հանդէսի համախմբագիրը։

[iv] Արմէն Դարեան, «Լեռը Եւ Տունը․ Պատմուածքներ», հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի» թիւ 16, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 1982, 175 էջ։

[v] Նամակը գրուած է 16,2 x 24 սմ. չափի, հորիզոնական գիծերով կաթնագոյն թուղթի վրայ: 3 թերթ, 6 էջ, որոնցմէ օգտագործուած են առաջին էջերը միայն:

Նամակը առաքուած է 9 x 16 սմ. չափի, կարմիր-կապոյտ-ճերմակ շեղակի քառանկիւններով երիզուած ծրարով, որու արտաքին կողմը կան հետեւեալները.

– Վերը, ձախին, լիբանանեան 40 ղուրուշ արժէքով մուգ կապոյտ դրոշմաթուղթ՝ Լիբանանի խորհրդանիշ մայրի երկու ծառերու պատկերով:

– Վարը, ձախին, ատամնաւոր շրջանագիծով կապոյտ ուղղանկիւն, որու մէջը ճերմակ տպուած են հայելային երեք թեւեր եւ BY AIR MAIL – PAR AVION:

– Մէջտեղը ձեռագիրով գրուած է ստացողի հասցէն՝ Mme Marie Atmadjian – c/o Hrant Palouyan – 43, Rue Richer – Paris 9 – FRANCE:

Ծրարին փակման կողմը, վերը, մէջտեղը, գրուած է առաքողի հասցէն՝ Bébo Simonian – B. P. 4037 – Beyrouth – Liban:

Ինքնագիր է: Նամակն ու ծրարը կը պահպանուին ԳԱԹ-ի մէջ, Մառի Աթմաճեանի ֆոնտ. նամակը` թիւ 4117, էջ 1-3, ծրարը՝ թիւ 4117, առանց էջի թուահամարի:

[vi] Նկատի ունի իր հեղինակած «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի գրողներու Ե. համագումարի սեմին» գրքոյկը (տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 1966, 108 էջ):

[vii] Զարեհ Որբունի (Էօքսիւզեան, 1902-1980) – Ֆրանսահայ պատմուածքագիր, վիպագիր եւ խմբագիր։ Յաճախած է ծննդավայր Տրապիզոնի Մովսէսեան Վարժարանը։ Հայրը սպանուած է Մեծ Եղեռնի ժամանակ։ 1919-1922-ին ուսանած է Պոլսոյ Պէրպէրեան Վարժարանին մէջ։ 1922-ին հաստատուած է Ֆրանսա՝ Մարսէյ, Փարիզ, Սթրազպուրկ։ Խմբագրած է «Նոր Հաւատք» հանդէսը եւ «Լուսաբաց» ամսագիրը։ Բեղուն աշխատակցութիւն բերած է սփիւռքահայ գրական մամուլին։

[viii] Բիւզանդ Թոփալեան (1902-1970) – Ֆրանսահայ բանաստեղծ, խմբագիր եւ գեղանկարիչ։ Աւարտած է ծննդավայր Այնթապի Ներսէսեան Վարժարանը, ապա յաճախած Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճ։ Ուսումը կիսատ մնացած է Մեծ Եղեռնին պատճառով։ Հալէպի մէջ 1924-ին հիմնած է սեփական «Արաքս» տպարանը։ Նոյն անունով ուրիշ տպարան հիմնած է 1930-ին Փարիզ տեղափոխուելէ ետք։ Փարիզի մէջ հետեւած է Ժիւլիէն եւ Կրան Շոմիէր գեղանկարչական ակադեմիաներու դասընթացքներուն։ Հալէպի մէջ 1923-1925-ին խմբագրած է «Մեղու» թերթը, Փարիզի մէջ 1952-1969-ին՝ «Անդաստան» գրական պարբերականը։ Գրած է նաեւ ֆրանսերէն։ Գեղանկարչական ցուցահանդէսներ տուած է Պէյրութի, Փարիզի ու Երեւանի մէջ։

[ix] Հրաչ Զարդարեան (1897-1986) – Գրող։ Մասնագիտութեամբ՝ատամնաբուժ։ Մեծ Եղեռնի նահատակ գրող, խմբագիր եւ Հ․ Յ․ Դ․ի գործիչ Ռուբէն Զարդարեանի չորս որդիներէն է։ Կրթութիւնն ստացած է տարբեր երկիրներու դպրոցներու մէջ, անոնց շարքին՝ Պոլսոյ Էսայեան, Կարինի Սանասարեան (3 տարի), ապա Պոլսոյ եւ Կեդրոնական, Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանները, Մայր Աթոռի Գէորգեան Ճեմարանը, Երեւանի թեմական դպրոցը։ Իբրեւ ազատ ունկնդիր մասնակցած է Սորպոնի Համալսարանի գրականութեան դասընթացներուն: 1950-ականներէն մինչեւ 1970-ականներուն կէսը ատամնաբուժութիւն կիրառած Նիսի մէջ, ապա հանգստեան կոչուած: Աշխատակցած է սփիւռքահայ գրական մամուլին: Հեղինակ է երեք գիրքի։

[x] Հայաստանի գրողներու միութեան Ե. համագումարը կայացաւ Երեւանի մէջ՝ 17-19 Նոյեմբեր 1966-ին:

[xi] Պէպօ Սիմոնեան չափազանցեալ խստութեամբ կը վերաբերի համագումարին սփիւռքահայ գրողներու ներկայութեան հարցին: Սփիւռքահայ գրողներէն մասնակցած են հետեւեալները. Ֆրանսայէն՝ Հրաչ Զարդարեանն ու Աւետիս Ալեքսանեանը, Լիբանանէն՝ Անդրանիկ Ծառուկեանը, Գառնիկ Ադդարեանն ու Սիրան Սեզան, Ռումանիայէն Յակոբ Ճոլոլեան-Սիրունին, Ա. Մ. Ն.էն՝ Կարապետ Սիտալը, ուրիշներ։

[xii] Գառնիկ Ադդարեան ելոյթ ունեցած է համագումարի վերջին՝ 19 Նոյեմբեր 1966-ի երեկոյեան նիստին: Ելոյթին համառօտ տեղեկատուութիւնը տե՛ս «Գրական թերթ» շաբաթաթերթ, Երեւան, թիւ 48 (1354), 25 Նոյեմբեր 1966, էջ 6, էջի վերի հատուածին Բ. եւ Գ. սիւնակները:

[xiii] Պարոյր Սեւակի եւ Գէորգ Էմինի ելոյթներուն հիմնական միտքերը տե՛ս «Գրական թերթ» շաբաթաթերթ, Երեւան, թիւ 48 (1354), 25 Նոյեմբեր 1966, էջ 2, համապատասխանաբար Ա.-Բ. սիւնակներ եւ Դ. սիւնակ:

[xiv] Հայերէնի լեզուամտածողութեամբ՝ որոշումները չեն առնուիր, այլ՝ կը տրուին:

[xv] Ա. Սեմա (Բուն անունով՝ Գեղամ Աթմաճեան, 1910-1940) – Բանաստեղծ, թատերագիր, պատմուածքագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ: Մեծ Եղեռնէն ետք ապաստան գտած է Կոստանդնուպոլսոյ եւ Յունաստանի Քորֆու կղզիի որբանոցներուն մէջ: Քանի մը տարի Հալէպ ապրելէ ետք 1929-ին տեղափոխուած է Փարիզ, ուր յաճախած է Սորպոնի Համալսարանի գրականութեան եւ ընկերաբանութեան դասընթացքներուն: 1930-ին Միսաք Մանուշեանի հետ հրատարակած է «Ջանք», իսկ 1935–1937-ին՝ մինակը՝ «Մշակոյթ» գրական ամսագիրները: Զոհուած է երկրորդ աշխարհամարտի ֆրանս-գերմանական ռազմաճակատին վրայ:

[xvi] Նկատի ունի Ա. Սեմայի «Երկեր» հատորի լոյս ընծայումը «Հայաստան» հրատարակչութենէն, Երեւան, 1966, 354 էջ: Խմբագիր՝ Խաչիկ Պօղոսեան:

[xvii] Հրանդ Բալուեան (1904-1967) – Խմբագիր: Փարիզի մէջ ունեցած է իր սեփական գրատունը: 1929-էն 1964, երկար ընդհատումներով, ամբողջովին մինակը խմբագրած ու հրատարակած է «Զուարթնոց» գրականութեան եւ գեղարուեստի պարբերաթերթը Փարիզի մէջ:

[xviii] Նամակ-շնորհաւորագիրը գրուած է 8,1 x 23,1 սմ. չափի, կարմիր-կանաչ-ոսկեգոյն, զարդանախշուած շնորհաւորական տպագիր տոմսի վրայ: 2 թերթ, 4 էջ, որոնցմէ գրութեան համար օգտագործուած է 3-րդ էջը միայն: Առաջին երեսին տպուած է Greetings բառը, 4-ին՝ տոմսը պատրաստած ու տպած օտար ընկերութեան անունը: 2-րդ էջը պարապ է: 3-րդ էջին մէջտեղը, էջին երկարութեամբ տպուած է. Greetings of the Season and best wishes for the New Year:

Տոմսը առաքուած է 8,3 x 22,4 սմ. չափի կաթնագոյն ծրարով, որուն փակման կողմը կան քանի մը տարբեր կնիքներու անընթեռնելի հետքեր: Իսկ արտաքին կողմը, վերը, կողք-կողքի դրոշմուած են երեք տարբեր կնիքներ.

– Երեք հատ, մէջընդմէջ, կլոր սեւ կնիք, Պէյրութի նամակատան նշումով, թուականը՝ 18 XII 67:

– Այս երեքէն երկուքի աջին՝ երկու, մէջընդմէջ, ուղղանկիւն սեւ կնիք՝ արաբերէն ու ֆրանսերէն՝ «Լիբանանը հիւրընկալութեան օրրան է, բարի եկաք» գրութեամբ:

– 2-րդ կլոր կնիքի աջին՝ ուղղանկիւն սեւ կնիք մը՝ արաբերէն ու ֆրանսերէն՝ «1967 – Զբօսաշրջութեան համաշխարհային տարի – Լիբանան» գրութեամբ:

Այս արտաքին կողմին

– Մէջտեղը տոմսն ստացողին հասցէն է. Mme MARIE ATMADJIAN Le Chevalier [գրուած է սխալով՝ Chavalier] – 29, Rue le Brun. PARIS (13) – FRANCE:

– Վերը, ձախին, տոմսն առաքողին հասցէն է. Bébo Simonian – B. P. 4037 – Beyrouth – Liban:

Շնորհաւորական գրութիւնը արձանագրուած է Գ. էջի անգլերէն տպագիր շնորհաւորագիրին վերի ու վարի կողմերը՝ տոմսի լայնքին:

Ինքնագիր է: Տոմսն ու ծրարը կը պահպանուին ԳԱԹ-ի մէջ, Մառի Աթմաճեանի ֆոնտ. տոմսն ու ծրարը` թիւ 4118, երկուքն ալ առանց էջի թուահամարի:

[xix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[xx] Վալանթին/Վալան/Վալանթ Իմաստունեան-Աղամանուկեան – Պէպօ Սիմոնեանի մօրաքրոջ հայրենաբնակ դուստրը։ Ամուսինը՝ Զոհրապ Աղամանուկեան։

[xxi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[xxii] Գեղամ Սեւան – (բուն անունով Գեղամ Սվաճեան 1926-1991) – Հայրենադարձ արձակագիր, խմբագիր, գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր։

[xxiii] Պերճուհի Սիմոնեան-Փոլատեան – Պէպօ Սիմոնեանի զարմուհիներէն։

[xxiv] Գրիգոր Գալայճեան (1950-1990) – Պէպօ Սիմոնեանի կրտսեր եղբայրներէն։ Յաճախած է Սահակեան Վարժարան։ 1983-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկը: 1967-ին անդամակցած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ին։ 1980-ականներու վերջին եղած է համահիմնադիրներէն Հայաստանէն Շրջանաւարտներու Լիբանանի Միութեան։ 1987-էն մինչեւ մահը՝ կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետն էր։ Մահացած է 25 Փետրուար 1990-ի երեկոյեան, Դամասկոսի պանդոկի իր սենեակին մէջ՝ սրտի տագնապէ։ Այդ օրերուն արեւելեան Պէյրութի մէջ Լիբանանեան բանակ – Լիբանանեան Ուժեր բախումներուն պատճառով, թաղուած է Դամասկոսի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։ Իր յիշատակին ստեղծուած է «Տոքթոր Գրիգոր Գալայճեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ը, որ Հայ Դատին նուիրուած գիրքեր պիտի հրատարակէր։

[xxv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[xxvi] Յակոբ Աղայեան – Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Հալէպի պատասխանատուներէն, հասարակական գործիչ։

[xxvii] Ս․ ո․ – Սուրիական թղթոսկի։

[xxviii] Թորոս Թորանեան (1928-2021) – Հալէպահայ, 2010-ականներու կէսին հայրենադարձած բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, հրատարակիչ, հասարակական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ զգայազերծող բժիշկ։ Շուրջ 300 գիրքի հրատարակութեան մասնակցած է տարբեր կերպերով։

[xxix] Հրանդ Գանգրունի (Աբիսողոմ Գըրըշըքեան, 1925-2006) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, մանկավարժ, գրող, հրապարակագիր, պատմաբան։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ 1976-1984-ին վարած է Ազգ․ Ռուբինեան Վարժարանին տնօրէնութիւնը։

[xxx] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[xxxi] Յաջորդող բառերը աւելցուած են ձեռագիրով։

[xxxii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[xxxiii] Աստղիկ եւ Յարութ – Պէպօ Սիմոնեանի՝ գրական եւ թատերական շնորհներով օժտուած երբեմնի աշակերտուհին եւ անոր ամուսինը։

[xxxiv] «Նկատմամբ» բառը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։

[xxxv] Շնորհ Արսլանեան-Պաշեան – Պէպօ Սիմոնեանի քենակալներէն Ղեւոնդ քահանայ Արսլանեանի դուստրը։

[xxxvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[xxxvii] Նորայր Ատալեան (ծնած է 1936-ին) – Հայրենի արձակագիր, խմբագիր, գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր։

[xxxviii] Պերճ Զէյթունցեան (1938-2017) – Հայրենադարձ արձակագիր, թատերագիր։ 1990-1991-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար։

[xxxix] Բնագիրին մէջ այսպէս է։ Պէպօ Սիմոնեան յայտնապէս շփոթած է գրողներ Բոգդան Ջանեանի եւ Իգնատ Մամեանի անունները։ Բոգդան Ջանեան (1917-2010) – Արցախաբնակ, 1960-ականներու վերջէն Երեւան հաստատուած բանաստեղծ, մշակոյթի գործիչ։

[xl] Բնագիրին մէջ այսպէս է։ Պէպօ Սիմոնեան յայտնապէս շփոթած է գրող գրող, նամակի հեղինակման շրջանին «Գրական թերթ»ի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ Կարլեն Ազարեանը մարմնամարզիկ, աշխարհի, Եւրոպայի եւ ողիմպիականներու բազմակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի հետ։

[xli] Վերջին նախադասութիւնը աւելցուած է ձեռագիրով։

[xlii] Հայաստանի Գրողների Միութեան «Գրական թերթ» շաբաթաթերթի թիւ 3 (2253), 13 Յունուար 1984-ի համարի 3-րդ էջին մէջ, սփիւռքին առնչուած գրական միւս հրապարակումներու շարքին լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի «Իմ Ծառս» բանաստեղծութիւնը։ Այդ ժամանակաշրջանին, թերթին գլխաւոր խմբագիրն էր Նորայր Ատալեանը։

[xliii] Ալեքսանդր Թոփճեան (1939-2021) – Գրող, թատերագիր, խմբագիր, գրականագէտ, թարգմանիչ։

[xliv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Սեւագիր։

[xlv] Նազարէթ Աւագեան – Լիբանանահայ, ապա Լոնտոն հաստատուած բարերար, տեղւոյն Հ․ Մ․ Մ․ի պատասխանատուներէն Նազարէթ Աւագեան։

[xlvi] Նազարէթ Աւագեան իր եղբօր՝ Միհրանի հետ մեծագումար նուիրատուութիւններ կատարած է Լիբանանի մէջ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ազդեցութեան ծիրին մէջ գտնուող վարժարաններուն (տե՛ս, օրինակ, «Միհրան եւ Նազարէթ Աւագեան եղբայրներ նոր նուիրատուութիւններ կը կատարեն», «Ջահակիր» շաբաթաթերթ, Գահիրէ, Նոր շրջան, թիւ 1117, 3 Դեկտեմբեր 1987, էջ 3)։

[xlvii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[xlviii] Շաքէն Պէպոյի դասընկերուհին է Սահակ-Մեսրոպեան Վարժարանէն, Նիւ Եորքի մէջ հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի, Բաբգէնը՝ անոր ամուսինը։

[xlix] Մայր Հրանդուհի – Շաքէի մայրն է։

[l] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[li] Անուան առաջին մասը աւելցուած է ձեռագիրով։

[lii] Ղեւոնդ քահանայ Արսլանեան – Եղած է Պուրճ Համմուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ծխատէր քահանան։ Վախճանած է երբ գացած է Մոնրէալ՝ ներկայ գտնուելու դստեր հարսանիքին։ Պէպօ Սիմոնեանի քենեկալներէն էր (Հռիփսիմէ Սաչեան-Արսլանեան քենիին ամուսինը)։

[liii] Սեպուհ վրդ․ Սարգիսեան (ծնած է 1946-ին) – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամ։ Նամակի հեղինակման ժամանակ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-տնօրէնն էր։ 2000-էն՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ։

[liv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[lv] Վազգէն Լ․ Բարսեղեան (1908-1996) – Ամերիկահայ բնագէտ-ճարտարագէտ, համալսարանի դասախօս, փրոֆեսոր, հասարակական գործիչ, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ստեղծած կրթական Մասնաւոր Յանձնախումբի համանախագահ։

[lvi] Գրիգոր Կիրակոսեան (1888-1974) – Կրթական եւ հասարակական գործիչ։ Եղած է քանի մը վարժարաններու, այդ թիւին՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (1927-1936) տնօրէն։ 1947-1970-ին՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի վարիչ-քարտուղար։

[lvii] Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան (1918-2001) – Համալսարանի դասախօս, փրոֆեսոր, մանկավարժական եւ հոգեբանական գիտութիւններու դոկտոր։ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ստեղծած կրթական Մասնաւոր Յանձնախումբի համանախագահ, այնուհետ Կ․ Վ․ Ժ․ի երկարամեայ անդամ եւ միութեան աշխարհատարած կրթական ցանցի պատասխանատու։

[lviii] Ձեռագիր՝ սովորական վեց թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[lix] Բնագիրին մէջ այսպէս է։ Նամակին բովանդակութենէն կը պարզուի, որ Պէպոյի կինն ու մանչերը Երեւան ՉԵՆ գտնուիր. Հաւանաբար, այս տողը պէտք է դրուած ըլլայ թուականին տակը։

[lx] Կարապետ Պապահէքեան (1926-2020) – Ռ․ Ա․ Կ․ի եւ հասարակական գործիչ, լիբանանահայ գործարար, բարերար։ 1979-1980-ին եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխատենապետ, 1980-1981-ին՝ ատենապետ, 1988-2009-ին՝ Ռ․ Ա․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, 2009-էն մինչեւ մահը՝ պատուոյ անդամ, 1988-1996-ին՝ Թ․ Մ․ Մ․ի Հիմնադիրներու Մարմինի անդամ, 1996-2011-ին՝ այդ մարմինին երրորդ ատենապետը։ 1991-1996-ին եղած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Վարչութեան ատենադպիրը։ Լուռ օժանդակած է Խորհրդային Հայաստանի գիւղատնտեսութեան, Մայր Աթոռին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան։ Մեծ օգտակարութիւն ունեցած է Մայր Հայրենիքին մէջ Կռլտըն տեսակի որակեալ խնձորի մշակումն ու անասնապահութիւնը զարգացնելուն մէջ։ Կինը՝ Յասմիկ Ուզունեան-Պապահէքեան։

[lxi] Վարդգէս Համազասպեան (1911-1992) – Կրթական եւ հասարակական գործիչ, պատմաբան։ 1951-1964-ին եղած է Հայկական Պետական Մանկավարժական Հիմնարկի տնօրէնը։ Հիմնադրման օրէն (Յունիս 1964) մինչեւ 1985-ի Դեկտեմբեր՝ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ։

[lxii] Անդրանիկ/Անտրէյ Մարտիրոսեան (1924-1989) – Աշխատած է Հայաստանի Կոմկուսի Կեդրոնական Կոմիտէին մէջ։ 1961-էն 1964-ի Յունիս՝ Արտասահմանեան Երկրների Հետ Մշակութային Կապերի եւ Բարեկամութեան Հայկական Ընկերութեան (ծանօթ է ռուսերէն անուան ԱՕՔՍ յապաւումով) Նախագահութեան նախագահի տեղակալ, ապա, մինչեւ մահը՝ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ։

[lxiii] Նամակի հեղինակման թուականէն շատ տարիներ առաջ Հայաստանի Պետական Հրատարակչութիւնը՝ Հայպետհրատը վերանուանուած էր «Հայաստան» հրատարակչութիւն։

[lxiv] Սօսի Պոյաճեան-Պետիկեան (1930 – 5 Յունուար 2002) – Վաստակաշատ կրթական գործիչ։ Երկար տարիներ, մինչեւ 1976-ի ամառը, եղած է տնօրէնը Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Հազմիէի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Երկրորդական Վարժարանին, այնուհետեւ, 1976-1985-ին՝ Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան։ Կինն էր մանկավարժ, բանաստեղծ, թարգմանիչ Վարուժան Պետիկեանի։

[lxv] University of Redding – 1892-ին հիմնուած հանրային հետազօտութեանց համալսարան։ Օքսֆորտի Համալսարանի շարունակութիւն-գոլէճ ըլլալով հանդերձ, թագաւորական հրովարտակով 1926-ին իրաւունք ստացած է իրեն յատուկ վկայականները շնորհելու։ Համալսարանին հիմնական համալիրը կը գտնուի Անգլիոյ Պերքշայրի կոմսութեան Ռետինկ բնակավայրին մէջ։

[lxvi] «Արագիլ» ճաշարան – Ճաշարան Երեւանի համայնապատկերին իշխող Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ։ Հայրենի գրողները առհասարակ հոն կը յաճախէին խորհրդային վերջին տասնամեակներուն։

[lxvii] «Մորթուած» բառը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։

[lxviii] «Մոռցուած» բառը կրկնուած է բնագիրին մէջ։

[lxix] Արշօ Էմիրեան – Պէյրութի Հ․ Մ․ Մ․ի Տիկնանց Միութեան ժրաջան անդամներէն։

[lxx] Վալիզ – Ճամպրուկ (ֆրանսերէն)։

[lxxi] «Լոնկ պիչ»ի լողաւազան – Ծովեզերեայ լողաւազան եւ հանստավայր Պէյրութի արեւմտեան հատուածի Մանարայի թաղամասին մէջ։

[lxxii] «Կը ստացուի»ն ռուսաբանութիւն է, որ արեւելահայերէնին մէջ աւերներ գործելով՝ մուտք գործած է նաեւ արեւմտահայերէն։ Հայերէն ճիշդ բայերն են, ըստ նախադասութեան իմաստին, «կը պատահի», «կը յաջողի», «կ’ըլլայ»։

[lxxiii] Ռոզիկ Իմաստունեան։

[lxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական չորս թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[lxxv] Բնագիրին մէջ այսպէս է։ Նամակին բովանդակութենէն կը պարզուի, որ Պէպոյի կինն ու մանչերը Երեւան ՉԵՆ գտնուիր. Հաւանաբար, այս տողը պէտք է գրուած ըլլար թուականին տակը։

[lxxvi] Գրիգոր Սաչեան – Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեանի եղբայրը։ Անունը «Գիքոր» հնչած է քրոջորդի Տիգրան Գալայճեան/Սիմոնեանը։

[lxxvii] Մայ – «Մայր» բառի աղաւաղեալ հնչումն է Տիգրան Գալայճեան/Սիմոնեանի կողմէ։ Պէպօ Սիմոնեանի մայրն է՝ Ովսաննա Գալայճեանը։

[lxxviii] Անահիտ Սահինեան (1917-2010) – Հայրենի գրող, հրապարակագիր, խմբագիր, հասարակական գործիչ։

[lxxix] Կարէն Սիմոնեան (1936-2018) – Հայրենի արձակագիր, հրապարակագիր, խմբագիր, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ։ 1994-ին հաստատուած էր Փարիզ։

[lxxx] Վազգէն Ա․ Պալճեան (1908-1994) – 1955-1994-ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, Հայաստանի առաջին ազգային հերոս։

[lxxxi] Շահէ արք․ Աճեմեան (1926-2005) – Կիլիկիոյ Աթոռի, ապա Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ուխտի, այնուհետ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի միաբանութեան անդամ, Երեւանի Պետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան Բաժանմունքի հիմնադիր եւ առաջին տնօրէն։

[lxxxii] Վիքթոր Համբարձումեան (1908-1996) – Աշխարհահռչակ աստղագէտ, բնագիտական-ուսողական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ՀԽՍՀ-ի Գիտութիւններու Ակադեմիայի երկրորդ նախագահ (1947-1993), Բիւրականի աստղադիտարանի հիմնադիր (1946), Հայաստանի ազգային հերոս։

[lxxxiii] Վարդգէս Պետրոսեան (1932-1994) – Արձակագիր, հրապարակագիր, խմբագիր, 1981-1988-ին Հայաստանի Գրողների Միութեան նախագահ։

[lxxxiv] Ռազմիկ Դաւոյեան (1931-2022) – Հայրենի բանաստեղծ, հասարակական գործիչ։

[lxxxv] Լիլիթ Ադամեան – Լիբանանահայ, ապա անգլիահայ կուսակցական եւ հասարակական գործիչ, գրող, խմբագիր, բազմիցս Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուած Մանուէլ Ադամեանի (1935-2021) կինն է։

[lxxxvi] Ռապիա – Ճիշդ հնչումով՝ Ռապիէ։ Պէյրութի կեդրոնէն շուրջ 13 քիլոմեթր հիւսիս, Լեռնալիբանանի բլուրներու շրջանին մէջ բնակավայր։ Ծանօթ է իբրեւ հարուստներու բնակավայր՝ շքեղ առանձնատուներով։

[lxxxvii] Ռեժիմ –Սննդականոն, վարչակարգ (ֆրանսերէն)։

[lxxxviii] Պէյրութ-Երեւան օդանաւային գիծն սպասարկող «Սարդարապատ» ճամբորդական գրասենեակի տէր եւ տնօրէն Յակոբ Կեպէնլեան։ Վերջինս ազգական էր Պէպօ Սիմոնեանին, որ իր պսակադրութեան կնքահայրը եղած է։

[lxxxix] Վազգէն Գասեմճեան – Աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկը, հնչակեան։ 1990-ականներուն Լիբանանէն հաստատուած է Լոնտոն։ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի՝ 27-30 Հոկտեմբեր 1995-ին Երեւանի մէջ կայացած 16-րդ համագումարին ընտրուած է կուսակցութեան երեք փոխնախագահներէն մէկը՝ Հերրի Տրամերեանի եւ Եղիա Նաճարեանի հետ։

[xc] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[xci] Թելման Յարութիւնեան – Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի բարձրաստիճան սպայ։ Դիւանագիտական ծածկոյթի տակ գործած է Պէյրութի մէջ խորհրդային դեսպանատան մէջ։

[xcii] Ռոմէն Քոզմոյեան (1937-2022) – Հասարակական եւ պետական գործիչ, դիւանագէտ, հետախոյզ, Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի գնդապետ, դիւանագէտ։ Մասնագիտութեամբ՝ իրաւաբան։ 1968-էն աշխատած է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կոմիտէին մէջ իբրեւ բաժինի վարիչ, ապա նախագահի տեղակալ։ 1980-1985-ին գործած է Պէյրութի մէջ խորհրդային դեսպանատան մէջ երկրորդ քարտուղարի պաշտօնով։ Երեւան վերադառնալէ ետք դարձեալ եղած է նշուած Կոմիտէի նախագահի տեղակալ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը։ Կարճ ժամանակ գլխաւորած է Հ․ Խ․ Ս․ Հ․ի Պ․ Ա․ Կ․ի առաջին վարչութիւնը (արտաքին հետախուզութիւն)՝ գնդապետի զինուորական աստիճանով։ Սերտ ու ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է սփիւռքահայ գործիչներու հետ։

[xciii] Խօսքը կը վերաբերի «Սփիւռքահայ գրողների մատենաշար»ով լոյս տեսած՝ Պէպօ Սիմոնեանի «Մարդեղութիւն» գիրքին, «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1981, 124 էջ։

[xciv] Կարէն Սիմոնեան։

[xcv] 21 Սեպտեմբեր 1980 – 24 Հոկտեմբեր 1983-ին այդ պաշտօնը վարած է Իլթեր Թիւրքմենը։

[xcvi] Ճոն Կիրակոսեան (1929-1985) – Հայրենի կուսակցական եւ պետական գործիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր։ Եղած է Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի Գաղափարախօսութեան Բաժինի վարիչի տեղակալ (1964-1966), Կենտկոմի Գիտութեան Եւ Ուսումնական Հաստատութիւնների Բաժինի վարիչ (1969-1975), Խորհրդային Հայաստանի Հեռուստատեսութեան Եւ Ռատիոյի Պետական Կոմիտէի նախագահ (1966-1969), 1975-էն մինչեւ մահը՝ Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար։ Պատմագիտական աշխատութիւնները առաւելաբար կը վերաբերին թուրքերու հակահայկական քաղաքականութեան։

[xcvii] Ճոն Կիրակոսեան, «Երիտթուրքերը պատմութեան դատաստանի առաջ», Երեւան, Ա․ գիրք՝ 1982, 360 էջ, Բ․ գիրք՝ 1983, 464 էջ։

[xcviii] «Գարուն» – Հիմնադրութեան օրէն՝ 1967-էն մինչեւ 1991՝ Հայաստանի Լենինեան Կոմունիստական Երիտասարդական Միութեան եւ Հայաստանի Գրողների Միութեան համատեղ հրատարակութիւն, այնուհետ՝ անկախ հրատարակութիւն։

[xcix] Շաքէ Վարսեան (բուն անունով՝ Վարսենիկ Պոյաճեան, 1925-1996) – Հայրենադարձ գրող, լրագրող, հասարակական գործիչ։ Երկար ժամանակ եղած է «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի սփիւռքի բաժինի վարիչը։

[c] Վահագն Դաւթեան (1926-1994) – Հայրենի բանաստեղծ, խմբագիր, հասարակական գործիչ, Հ․ Հ․ի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ակադեմիկոս։ 1967-1981-ին եղած է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահի տեղակալ, այնուհետ, մինչեւ 1990, Կոմիտէի «Սովետական Հայաստան» ամսաթերթի ու անոր ժառանգորդ «Վերածնուած Հայաստան» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր։

[ci] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cii] Մատլէն Մուշեան-Գարլոզեան – Յարութիւն ծ․ վրդ․ Մուշեանի եւ Պետրոս Մուշեանի քրոջ դուստրն է։

[ciii] Յակոբ Գարլոզեան – Մատլէնի ամուսինն է։

[civ] 6 Յունիս 1982-ին Լիբանան ներխուժած իսրայէլական զօրքերու ճնշման տակ 23 Օգոստոս 1982-ին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած էր «Լիբանանեան Ուժեր» ռազմական խմբաւորման հրամանատար Պեշիր Ճեմայէլը։ Ան 14 Սեպտեմբեր 1982-ին սպանուեցաւ Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի Փաղանգաւորներու Կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղադրուած ռումբով։ Պեշիրի երէց եղբայր Ամինը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ 22 Սեպտեմբեր 1982-ին։

[cv] «Ապագայ» – Ռ․ Ա․ Կ․ի Գանատայի չյայտարարուած պաշտօնաթերթն է։ Հրատարակիչ՝ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութիւն։ Լոյս կը տեսնէ 13 Սեպտեմբեր 1975-էն շաբաթական պարբերականութեամբ։

[cvi] «Հորիզոն» – Հ․ Յ․ Դ․ի Գանատայի պաշտօնաթերթը։ Լոյս կը տեսնէ 28 Մայիս 1979-էն շաբաթական պարբերականութեամբ։

[cvii] Պետրոս Մուշեան (1925-2015) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի, Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի եւ Հ․ Մ․ Մ․ի գործիչ։ Մինչեւ 1980-ականներու կէսը ապրած ու գործած է Լիբանանի մէջ, ապա հաստատուած է Թորոնթօ)։

[cviii] Լորիս Մուշեան – Օրիորդական մականունն ալ Մուշեան է։ Յարութիւն ծ․ վրդ․ Մուշեանի եւ Պետրոս Մուշեանի քոյրն է։

[cix] Ստեփան Մուշեան – Մատլէն Մուշեան-Գարլոզեանի եղբայրն է։

[cx] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxi] Գեղամ Սեւան, «Ինչո՞ւ, Ինչի՞ Համար», «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1982, 319 էջ։

[cxii] Էտուարտ Ջրբաշեան (1923-1999) – Գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի ակադեմիկոս։ 1977-1999-ին՝ ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան Հիմնարկի տնօրէն։

[cxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxiv] Մանուէլ Ադամեան (1935-2021) – Կուսակցական եւ կրթական գործիչ, գրող, խմբագիր։ Նախակրթութիւնն ստացած է Պուրճ Համմուտի Ազգ․ Աբգարեան Վարժարանին մէջ։ 1963-1968-ին ուսանած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքին մէջ։ Պէյրութ վերադարձին զբաղած է ուսուցչութեամբ, որոշ ատեն եղած է Սահակ-Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէնը։ Մաս կազմած է «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան։ Երկար տարիներ անդամակցած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան։ 1980-ականներու կէսին գաղթած է Լոնտոն, ուր խմբագրած ու հրատարակած է «Կոչնակ», նաեւ 15 տարի՝ «Նոր Սերունդի Ձայն» թերթերը։:

[cxv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxvi] Մանուէլ Ադամեան, «Տաք Մոխիր», տպարան «Արազ», Պէյրութ, 1984, 110 էջ։

[cxvii] Արշակ Գազանճեան (ծնած է 1935-ին՝ Պէյրութ) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի եւ անոր հովանիին տակ գտնուող միութիւններու գործիչ, գրող, խմբագիր։ Մասնագիտութեամբ՝ ատամնաբուժ։ Լիբանանէն ժամանակ մը գաղթած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր որոշ ատեն խմբագրած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լոս Անճելոսի «Մասիս» շաբաթաթերթը։ Քանի մը գիրքերու հեղինակ է։

[cxviii] Արշակ Գազանճեան, «Մերին Ամերիկան», տպարան «Տօնիկեան», Պէյրութ, 1984, 306 էջ։

[cxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxx] «Մասիս» – «Օրկան Ս․ Դ․ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտ․ Ամերիկայի»։ Շաբաթաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 16 Յունուար 1981-էն։ Կը շարունակուի շաբաթական կանոնաւոր պարբերականութեամբ։

[cxxi] Գաբրիէլ Մոլոյեան (ծնած է 1933-ին) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի եւ անոր հովանիին տակ գտնուող միութիւններու գործիչ, մանկավարժ, հրապարակագիր, խմբագիր։ Յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Հայագիտութեան Ամպիոնի դասընթացներուն։ Ուսուցչագործած է Դամասկոսի Ազգ․ Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանին եւ Պէյրութի Սահակ-Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ, 25 տարի ըլլալով վերջինիս փոխտնօրէնը։ Պէյրութի մէջ 1954-ին, Լոս Անճելոսի մէջ 1977-ին եղած է Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի հիմնադիրներէն։ 1970-ին Լիբանանէն գաղթած է Գալիֆորնիա, Ա․ Մ․ Ն․, ուր շարունակած է կուսակցական, միութենական եւ խմբագրական աշխատանքները, 1977-ին եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Արեւմտեան Ա․ Մ․ Ն․ի շրջանի հիմնադիրն ու անոր Վարիչ Մարմինի առաջին ատենապետը, 30 տարիէ աւելի՝ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի Գալիֆորնիոյ Վարչութեան անդամ, երկար տարիներ՝ ատենապետ։ Հիմնադիրներէն է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լոս Անճելոսի «Մասիս» շաբաթաթերթին ու անոր խմբագրակազմի անդամ սկիզբէն մինչեւ օրս։

[cxxii] Նամակը գրուած է պլոքնոթէ մը փրցուած, 16,2 x 24 սմ. չափի, հորիզոնական, կապոյտ գիծերով թուղթի վրայ: 3 թերթ՝ թուագրուած 24, 25 եւ 26, 6 էջ, որոնցմէ օգտագործուած են առաջին երեսները միայն:

Նամակը առաքուած է կարմիր-կապոյտ-ճերմակ երիզուած նամակային ծրարով, որու վրայ կան հետեւեալները.

Արտաքին կողմը.

– Վերը, աջին, լիբանանեան դրոշմաթուղթ մը վրան Պէյրութի նամակատան կլոր, սեւ կնիքով (դրոշմաթուղթը փրցուած է):

– Վերը, ձախին, թանաքով գրուած է «Ռատիոյից», տակը մատիտով գրուած է, բայց թանաքով ընդգծուած է «Երկուշ., Փետ. 6» նշումը:

– Վարը, կապոյտ ուղղանկիւնի մէջ պատկերուած են հայելային երեք թեւեր, տակը տպուած է. BY AIR MAIL – PAR AVION:

– Մէջտեղը եւ վարի աջ քառորդին մէջ գրուած է. M. Gharabegian – Dev – Villa Avenue – Yazd street – TEHERAN – IRAN:

– Վարը, մէջտեղը, ձեռագիրով պարսկերէն գրուած է «Ղարաբեկեան», «Վիլլա, քուչա Եազտ»:

Ծրարին փակման կողմը, վերը, գրուած է. Ex. Bébo Simonian – B. P. 4037 – Beyrouth – Liban:

Ինքնագիր է: Նամակը կը պահպանուի ԳԱԹ-ի մէջ, Դեւի ֆոնտ, թիւ 536, էջ 1-3:

[cxxiii] «Որ» շաղկապը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:

[cxxiv] «Եւ» շաղկապը կրկնուած է. ան գրուած է թէ՛ առաջին էջի վերջին եւ թէ՛ երկրորդ էջի սկիզբին:

[cxxv] «Որ» շաղկապը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:

[cxxvi] Գառնիկ Ադդարեան (բուն անունով՝ Քլեմենս Ադդարեան, 1925-1986) – Բանաստեղծ, հրապարակագիր, խմբագիր, կուսակցական եւ հասարակական եռանդուն գործիչ: 1949-ին եղած է Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի համահիմնադիրներէն ու երկար տարիներ անոր նախագահը, Լիբանանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, կուսակցութեան հայկական կազմակերպութեան պաշտօնաթերթ «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթի խմբագրապետ։ Մահացած է 30 Նոյեմբեր 1986-ի առաւօտեան՝ սրտի կաթուածէ, երբ կը պատրաստուէր իր բնակարանէն ուղղուելու Պէյրութի մէջ Խորհրդային Մշակութային Կեդրոն՝ բանախօսելու Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման 66-րդ տարեդարձի հանդիսութեան․․․

[cxxvii] Բնագիրին մէջ գրուած է «կազմէ»:

[cxxviii] Նամակը գրուած է պլոքնոթէ մը փրցուած, 16,2 x 24 սմ. չափի, հորիզոնական, կապոյտ գիծերով թուղթի վրայ: 4 թերթ, 8 էջ, որոնցմէ օգտագործուած են առաջին երեսները միայն:

Նամակը առաքուած է կարմիր-կապոյտ-ճերմակ երիզուած նամակային ծրարով, որու վրայ կան հետեւեալները.

Արտաքին կողմը.

– Վերը, մէջտեղը եւ աջին, Պէյրութի նամակատան կլոր, սեւ կնիք՝ 17 IV 87 – 18 նշումով:

– Վերը, մէջտեղէն դէպի աջ, ուղղանկիւն, ֆրանսերէն կնիք մը, որուն գիրերուն մեծագոյն մասը անընթեռնելի է թանաքի թուլութեան պատճառով:

– Վարը, կապոյտ ուղղանկիւնի մէջ պատկերուած են հայելային երեք թեւեր, տակը տպուած է. BY AIR MAIL – PAR AVION:

– Մէջտեղէն վար գրուած է. M. Gharabegian – Dev – Villa Avenue – Yazd street – TEHERAN – IRAN:

– Վարը, մէջտեղը, ձեռագիրով պարսկերէն գրուած է «Ղարաբեկեան», «Վիլլա, քուչա Եազտ»:

Ծրարին փակման կողմը կան հետեւեալները.

– Վերը, մէջտեղը, գրուած է. Ex. Bébo Simonian – B. P. 4037 – Beyrouth – Liban: Վրան զարնուած է ուղղանկիւն սեւ կնիք մը, որու գրութիւնները անընթեռնելի են:

– Վերը, աջին զարնուած է վեց զուգահեռ, ալիքաձեւ կնիք մը:

– Վարը, մէջտեղը զարնուած է Թեհրանի նամակատան կլոր, սեւ կնիքը, որու մէջտեղը նշուած է՝ 20H 19 – 4 – 1967:

Ինքնագիր է: Նամակը կը պահպանուի ԳԱԹ-ի մէջ, Դեւի ֆոնտ, թիւ 536, էջ 5-8:

[cxxix] Բնագիրին մէջ գրուած է «են»:

[cxxx] «Ուզուած» բառին երկրորդ ու-ն գրուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:

[cxxxi] «Են» բայը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:

[cxxxii] Նամակը գրուած է 10,1 x 14,5 սմ. չափի նամակային տոմսակի վրայ՝ մէկ կողմը մայրի ծառի մը գունաւոր պատկերով: Դարձերեսին կան հետեւեալները.

– Վերը, աջին, ձեռքով գրուած ու երկու զուգահեռ գիծերով ընդգծուած է PAR AVION նշումը:

– Այս գրութեան տակ փակցուած է 3 ղուրուշ արժէքով լիբանանեան դրոշմաթուղթ մը Պաալպէքի տաճարի աւերակներուն պատկերով, որու վրայ զարնուած է Պէյրութի նամակատան սեւ, կլոր կնիքը, որու մէջտեղը կայ թուականը՝ 8 V 67 – 18 նշումով:

– Աջ կողմը ստացոxի հասցէն է՝ M. Gharabegian – Dev – Villa Avenue – Yazd street – Teheran – IRAN:

– Վերը, ձախին տպուած են քանի մը բառեր՝ մայրիի մասին տեղեկութիւններ հաղորդող:

– Վարը, մէջտեղը, ձեռագիրով պարսկերէն նշումներ են Դեւի հասցէի մասին:

Նամակը գրուած է դարձերեսի ձախ կողմը:

Ինքնագիր է: Նամակը կը պահպանուի ԳԱԹ-ի մէջ, Դեւի ֆոնտ, թիւ 229-լր., էջ 1:

[cxxxiii] Նամակը գրուած է 10,3 x 14,9 սմ. չափի նամակային տոմսակի վրայ՝ արտաքին կողմը գունաւոր պատկերներով. Առաջին կողքին վրայ՝ Մասիսները՝ Արարատեան դաշտէն լուսանկարուած, նկարին մէջ, աջին՝ Խոր Վիրապի բլուրը, Դ. կողքին վրայ Հաղարծինի վանքն է՝ Ֆոթօ Շիրազի (Յովհաննէս Ճերեճեան) ոսպնեակով:

Տոմսակին միջուկը հետեւեալն է: Տպուած են, վերէն վար՝

– Մէջտեղը՝ MERRY CHRISTMAS AND HAPPY NEW YEAR:

– Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածէն քատառող մը:

– Ամենէն վարը, փոքր գիրերով եւ բոլորը գլխագրուած՝ Photographie: Cine-Photo Chiraz, rue Nahr, prés du Pont de Fer – Tél.: 295089. Beyrouth. Liban:

Աջ թուղթին վրայ տպուած են.

– Զոյգ մոմերու ձեւաւորումով՝ Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ:

– Այս գրութեան վարը, ձախին, անգլերէնով, իսկ աջին՝ հայերէնով հակիրճ տեղեկութիւններ Խոր Վիրապի եւ Հաղարծինի վանքերուն մասին:

Պէպոյին գրութիւնը ձախ էջի վերն է՝ անգլերէն շնորհաւորանքին ու բացիկի վերի սահմանին միջեւ, ապա շարունակուած է անգլերէն շնորհաւորանքի աջին:

Տոմսակը առաքուած է 11,8 x15,8 սմ. չափի կաթնագոյն ծրարով, ուր կան.

Արտաքին կողմը.

– Վերը, աջին, 25 ղուրուշ արժէքով լիբանանեան դրոշմաթուղթ յասմիկներու պատկերով, որու վրայ դրոշմուած է Պէյրութի նամակատան սեւ, կլոր կնիքը, որու թուականն անընթեռնելի է:

– Վերը, մէջտեղը, զարնուած է վեց զուգահեռ, ալիքաձեւ կնիք:

– Վերը, ձախին, առաքողի հասցէն է՝ Bébo Simonian – B. P. 4037 – Beyrouth – Liban:

– Մէջտեղը ստացողի հասցէն է՝ M. Gharabegian – Dev – Villa Avenue – Yazd street – TEHERAN – IRAN:

– Ձախին եւ վարը, ձեռագիրով Դեւի պարսկերէն անունն է եւ պարսկերէն նշումներ են Դեւի հասցէի մասին:

Ծրարի փակման կողմը կան հետեւեալները.

– Վարը, ձախին, 3 շարք 7 զուգահեռ ալիքաձեւ գիծերով կնիքներ են:

– Վարը, մէջտեղը, զարնուած է Թեհրանի նամակատան սեւ, կլոր կնիքը, մէջտեղը թուականը՝ 24 – XII – 1973:

Նամակը ինքնագիր է: Նամակն ու ծրարը կը պահպանուին ԳԱԹ-ի մէջ, Դեւի ֆոնտ, թիւ 229-լր., էջ 2:

[cxxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Սեւագիր։

[cxxxv] Արա Երեւանեան (1935-2000) – Լիբանանահայ գործարար-շինարար, բարերար։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի համակիր։ 1972-ին ընտրուած է Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան։ 1983-ին հեռացած է Լիբանանէն՝ պատերազմին պատճառով, ապրած Գանատայի, ապա Ֆրանսայի մէջ։ Լիբանանի պատմութեան մէջ եղած է միակ երեսփոխանը, որ կամովին հրաժարած է երեսփոխանութենէն (7 Սեպտեմբեր 1990)։ Լիբանան վերադարձած է 1995-ին։

[cxxxvi] Վահրիճ Ճերեճեան (1920-2002): Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար եւ անոր հովանիին տակ գտնուող միութիւններու գործիչ, գործարար։ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ ատենապետ Յարութիւն Կուժունի/Ճերեճեանի կրտսեր եղբայրն է։ Նոյն պաշտօնը զբաղցուցած է 1989-2000-ին։ 1976-1985-ին եղած է Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան ատենապետը։

[cxxxvii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Սեւագիր։

[cxxxviii] Մեսրոպ ծ․ վրդ․ Գրիգորեան (սկզբնական մականունը՝ Եումուրթաճեան, 1932-2017) – Հետագային արքեպիսկոպոս։ Մինչեւ 1950-ականներու վերջը Կիլիկիոյ Աթոռի, ապա Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի միաբանութեան անդամ։ Փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ ուսուցիչ, Վիեննայի Համալսարանի դասախօս, պատմաբան։ 1980-2011-ին՝ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակ։

[cxxxix] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Սեւագիր։

[cxl] Ձեռագիր՝ օրագիրի տետրակի մը երեք թուղթի վրայ։ Սեւագիր։

[cxli] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxlii] Ռուբէն Զարեան (սկզբնական մականունը՝ Ղազանճեան, 1909-1994) – Գրականագէտ, թատերագէտ, արուեստաբանութեան դոկտոր, փրոֆեսոր, ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ, 1958-1987-ին՝ ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արուեստի Հիմնարկի տնօրէն:

[cxliii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxliv] Մէյրի Միսիրեան-Էսայեան – Պէյրութի Ամերիկեան Գոլէճի (BUC) դասախօսներէն, Ազատուհի Սիմոնեանի գործակիցը։

[cxlv] Արմէն Էսայեան – Մէյրի Միսիրեան-Էսայեանի ամուսինը։

[cxlvi] Հրանդուհի Միսիրեան – Մէյրի Միսիրեան-Էսայեանի մայրը։ Լիբանանի մէջ եղած է Դպրոցասէր Տիկնանց Միութեան ատենապետուհին։

[cxlvii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Սեւագիր։

[cxlviii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Պատճէն։

[cxlix] Իվոն Տօնիկեան-Թորիկեան – Կիրակոս Տօնիկեանի դուստրն է, Փարամազ Տօնիկեանի քոյրը։

[cl] Վարդուհի Թորիկեան։

[cli] Կիւլէն Տօնիկեան – Կիրակոս Տօնիկեանի տիկինը, Փարամազ Տօնիկեանի եւ Իվոն Տօնիկեան-Թորիկեանի մայրը։

[clii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cliii] Փարամազ Տօնիկեան (1931-2001) – Տպարանատէր, հրատարակիչ, հասարակական գործիչ: Հօր՝ Կիրակոսի մահէն ետք ստանձնած է Պէյրութի մէջ անոր հիմնած տպարան-հրատարակչութիւնը։

[cliv] Անահիտ Պաղտիկեան-Տօնիկեան – Փարամազ Տօնիկեանին տիկինն է։ Հեղինակ է հայկական խոհանոցի մասին քանի մը գիրք-ալպոմներու, որոնք լոյս տեսած են 1979-2009 տարիներուն՝ ամուսինին տպարանէն։

[clv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[clvi] Հնչակեան այն քսան գործիչները, որոնք 15 Յունիս 1915-ին կախաղան հանուեցան Կոստանդնուպոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ՝ պետական դաւաճանութեան ամբաստանութեամբ։

[clvii] Խաչիկ/Խաչատուր Փիլիկեան (1937-2019) – Մեներգիչ եւ գեղանկարիչ։ Ճարտարապետութիւն ուսանած է Հռոմի մէջ։ Որոշ ատեն ապրած է Լիբանանի եւ Ա․ Մ․ Ն․ի մէջ։ 1978-ին հաստատուած է Լոնտոն:

[clviii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Պատճէն։

[clix] Նամակը գրուած է 21,6 x 27,7 սմ. չափի կաթնագոյն թուղթի վրայ: 1 թերթ, 2 էջ, որոնցմէ օգտագործուած է մօտաւորապէս 1,5 էջ:

Ինքնագիր է: Նամակը կը պահպանուի ԳԱԹ-ի մէջ, Բիւզանդ Թոփալեանի ֆոնտ, թիւ 237, էջ 1-1-ի դարձերես:

[clx] Տեղեակ չենք, թէ Պէպօ Սիմոնեան իր խոստումը կատարե՞ց, թէ՞ ոչ: Նամակի թուականէն մինչեւ «Անդաստան»ի դադրեցումը լոյս տեսած թիւ 12, 1961-էն մինչեւ թիւ 18, 1969-ի համարներուն մէջ Պէպօ Սիմոնեանի ստորագրութեամբ ոչ մէկ նիւթ հրատարակուած է:

[clxi] Նամակը գրուած է 19,4 x 25,2 սմ. չափի հազիւ երեւցող հորիզոնական ուղղանկիւններով կաթնագոյն թուղթի վրայ: 2 թերթ, 4 էջ, որոնցմէ օգտագործուած է 2,5 էջ:

Ինքնագիր է: Նամակը կը պահպանուի ԳԱԹ-ի մէջ, Բիւզանդ Թոփալեանի ֆոնտ, թիւ 237, էջ 2-3:

[clxii] «Եմ» բայը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:

[clxiii] Տիգրան Գալայճեան ծանրօրէն վիրաւորուած էր 16 Նոյեմբեր 1958-ին` Պէյրութ գետի ափին գտնուող Թաթուլեանի սրճարանին վրայ նետուած ձեռնառումբէն, ապա ժամեր ետք մահացած]: Կը կասկածուի, թէ ոճրագործը դաշնակցական «զայիմ», յայտնի ոճրագործ Եփրեմ Խրիմեանն է, որ մասնակցած է առնուազն եւս երեք հայոց՝ Ռուբէն Գարակէօզեանի, Բիւզանդ Մելքոնեանի եւ Յովհաննէս Փամպուքեանի սպանութեանց: 1962-ին կը ձերբակալուի Դամասկոսէն Պաղտատ փախած ատեն, կը հարցաքննուի, կը խոստովանի, մահապատիժ կը ստանայ բայց ազատ կ’արձակուի, այդուհանդերձ կը մաքրագործուի Պուրճ Համմուտի մէջ՝ շատ հաւանաբար նոյն դաշնակցականներու ձեռամբ:

[clxiv] «Հետ» բառը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:

[clxv] Բիւզանդ Թօփալեան, «Հրախաղութիւն», տպարան «Արաքս», Փարիզ, 1952, 126 էջ:

[clxvi] «Ձեզի» դերանունը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:

[clxvii] «Անդաստան»ի 1960-ականներու թիւերուն մէջ Շոփենհաուըրի ու անոր փիլիսոփայութեան մասին որեւէ հրապարակում լոյս չէ տեսած, որու պատճառով մեզի համար անյայտ մնաց նամակագիրի «բարեկամ»ին ինքնութիւնը:

[clxviii] Նկատի ունի լիբանանահայ համայնավարներու հրատարակած «Մեր Նշանաբանն Է Յառաջ» քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային շաբաթաթերթը։ Այդ անունով լոյս տեսած է 1957-1964-ին՝ Գառնիկ Ադդարեանի խմբագրութեամբ։ Այնուհետ, 1965-1969-ին լոյս տեսած է «Յառաջ» անունով իբրեւ գրական եւ հասարակական պարբերաթերթ՝ Յովհաննէս Աղպաշեանի խմբագրութեամբ։ Երկու պարագաներուն ալ պատասխանատու տնօրէնն եղած է Գասպար Տէրտէրեանը։

[clxix] Նամակը գրուած է 14,7 x 20,8 սմ. չափի կաթնագոյն թուղթի վրայ: 2 թերթ, 4 էջ, որոնցմէ օգտագործուած է 3 էջ:

Ինքնագիր է: Նամակը կը պահպանուի ԳԱԹ-ի մէջ, Բիւզանդ Թոփալեանի ֆոնտ, թիւ 237, էջ 4-5:

Նամակը առաքուած է կարմիր-կապոյտ-ճերմակ երիզով նամակային սովորական ծրարով, որու արտաքին կողմը կան հետեւեալները.

– Վերը, աջին՝ լիբանանեան դրոշմաթուղթ մը (փրցուած է).

– Վերը, մէջտեղը, դէպի ձախ՝ 6 ալիքաձեւ զուգահեռ գիծերով կնիք.

– Վերը, մէջտեղը, դէպի աջ՝ պէյրուի նամակատան սե, կլոր կնիքը, որու մէջտեղը կայ թուականը՝ 20 VII 66 տեսքով:

– Վարը, ձախին, կապոյտ ուղղանկիւնի մէջ ճեմակով՝ հայելային անդրադարձումով 3 թեւեր, որոնց վարը տպուած է՝ AIR MAIL – PAR AVION:

– Մէջտեղը գրուած է ստացողի հասցէն` Mons. Puzant Topalian – 46, Rue Richer – Paris (9e) – FRANCE:

Ծրարին փակման կողմը, վերը, մէջտեղը, գրուած է առաքողի հասցէն. Ex. Bébo Simonian – B. P. 4037 – Beyrouth – Liban: Իսկ մէջտեղը, դէպի ձախ, կայ այս նշումը՝ Անդ 16 ղրկ.:

[clxx] «Կրնաք» բայը գրուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան բացակին մէջ:

[clxxi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[clxxii] Ռուբէն Սեւակ, «Երկեր (Չափածոյ Եւ Արձակ)», կազմող եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Ալեքսանդր Թոփճեան, խմբագիր՝ Ա․ Ս․ Քիշոյեան, «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1985, 479 էջ։

[clxxiii] Նկատի ունի Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն։

[clxxiv] Էջ 49 նշումը աւելցուած է ձեռագիրով։

[clxxv] Կարօ Գէորգեան (1892-1975) – Հ․ Յ․ Դ․ի գործիչ, դաշնակցական մամուլի եւ «Ամէնուն Տարեգիրքը»-ի խմբագիր եւ հրատարակիչ (1954-1968)։

[clxxvi] Ժիրայր Դանիէլեան (1941-2022) – Բանասէր, մատենագէտ, հայկական մամուլի պատմութեան մասնագէտ, կրթական եւ հասարակական գործիչ, խմբագիր: Յաճախած է Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական ՎարԺարան եւ Հայկազեան Գոլէճ։ 23 տարի եղած է Գոլէճի Հայագիտական գրադարանի վարիչ, ապա գրադարանապետ։ Գրեթէ նոյնքան պաշտօնավարած է իբրեւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի միացեալ Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարանի տնօրէն։ Բազմաթիւ պարբերականներու խմբագրութեանց անդամ, 1980-ականներու կէսէն մինչեւ 2010-ականներու վերջը՝ «Շիրակ», ապա «Կամար» գրականութեան եւ արուեստներու ամսագիրներու խմբագիր։ Մամուլի եւ գիրքերու մատենագիտութեանց մասին բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է։

[clxxvii] Յովհաննէս Չիլինկիրեան (1924-2021) – Ֆրանսաբնակ հրապարակագիր, բարերար, գործարար։ Մեծ Եղեռնի նահատակ բանաստեղծ, բժիշկ Ռուբէն Սեւակի եղբօրորդին է: Մեծ աւանդ ունի իր հօրեղբօր ժառանգութեան պահպանման եւ հանրայնացման մէջ։

[clxxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[clxxix] Ստեփան Թոփճեան (1937-2021) – Գրող, գրականագէտ, հրապարակագիր: Աշխատած է Հայկական Հանրագիտարանի համակարգին մէջ իբրեւ գխաւոր խմբագիրի տեղակալ։

[clxxx] Ռուբէն Յովսէփեան (1939-2016) – Արձակագիր, հրապարակագիր, խմբագիր, թարգմանիչ։ 1980-ականներուն եղած է «Սովետական Գրող» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր։ Երկար տարիներ խմբագրած է «Նորք» գրական հանդէսը։ 1992-1995-ին եղած է Հ․ Յ․ Դ․ի Բիւրոյի, 1998-2006-ին՝ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 2000-2007-ին՝ Հ․ Հ․ի Ազգային Ժողովի Հ․ Յ․ Դ․ի խմբակցութեան անդամ։

[clxxxi] Բնագրին մէջ այսպէս է: Այս յապաւումը չյաջողեցանք վերծանել․․․

[clxxxii] Էտուարտ Թոփչեան (1911-1975) – Գրականագէտ, խորհրդային պետական եւ հասարակական գործիչ։ 1959-1975-ին եղած է Հայաստանի Գրողների Միութեան Ա․ քարտուղար, 1967-1971-ին՝ ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահ։

[clxxxiii] Էտուարտ Թոփճեանը Հ․ Խ․ Ս․ Հ․ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահի եւ Հայաստանի Գրողների Միութեան Ա․ քարտուղարի իր կրկնակի հանգամանքով Լիբանան այցելած էր 22 Փետրուար 1962-էն 9 Մարտ 1962-ին՝ ընդառաջելով Լիբանան-Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ Բարեկամութեան Ընկերութեան նախագահ Ժորժ Հաննայի հրաւէրին։

[clxxxiv] Տիրան Չրաքեան (1875-1921) –Պոլսահայ բանաստեղծ, ուսուցիչ, փիլիսոփայ։

[clxxxv] Յակոբ Օշական (Քիւֆեճեան, 1883-1948) – Գրող, մանկավարժ, գրականագէտ, խմբագիր։ Դասաւանդած է բազմաթիւ վարժարաններու մէջ, խմբագրած գրական բազմաթիւ պարբերականներ։ Ձգած է գրականագիտական եւ գրական հսկայական ժառանգութիւն։

[clxxxvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[clxxxvii] Գրիգոր Խոտանեան (ծնած է 1952-ին՝ Հալէպ) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր։ Յաճախած է ծննդավայրի Լազար Նաճարեան Վարժարան, Պէյրութի Հայ Աւետ․ Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան եւ Հայկազեան Գոլէճ։ 1979-ին կարճ պահ մը եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Վարիչ Մարմինի անդամ, ապա հաստատուած է Ա․ Մ․ Ն․։ 1981-էն ընդգրկուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Արեւմտեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ «Մասիս» շաբաթաթերթի հրատարակչական-խմբագրական աշխատանքներուն մէջ, 2016-էն՝ անոր խմբագիրը։ 1980-ականներէն եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Արեւմտեան Ա․ Մ․ Ն․ի Վարիչ Մարմինի անդամ, 1994-էն՝ բազմիցս ընտրուած անոր ատենապետ, 2005-էն՝ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

[clxxxviii] Ալեք Մանուկեան (1901-1996) – Խոշոր գործարար, գիւտարար, ազգային բարերար, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի նախագահ՝ 1983-1989, ցմահ պատուակալ նախագահ 1989-էն, Հայաստանի ազգային հերոս:

[clxxxix] Ալիսիա Կիրակոսեան (1936-2014) – Բանաստեղծուհի, դերասանուհի։ 1968-ին Արժանթինէն գաղթած ու հաստատուած է Լոս Անճելոս։ Ստեղծագործած է սպաներէնով եւ հայերէնով։

[cxc] Գրիգոր Խոտանեանի նշանածն է, հետագային՝ տիկին Քաթիա Խոտանեան։

[cxci] Գիրքը լոյս տեսաւ «Մայրիներու Արմատները» խորագիրով։

[cxcii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxciii] Շողիկ Փոլատեան-Մանկրեան – Պէպօ Սիմոնեանի զարմուհիներէն։

[cxciv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxcv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Պատճէն։

[cxcvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxcvii] Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան (1938-2019) – Սպանացի լրագրող, խմբագիր եւ գրող։ Ուսանած է իրաւաբանութիւն եւ լրագրութիւն։ Եղած է սպանական քանի մը պարբերականներու խմբագիր։ Հեղինակ է եօթը գիրքի, որոնցմէ երկուքը ուղղակի կը վերաբերին հայոց եւ Հայ Դատին․ «Լա պոմպա» («Ռումբը», Մատրիտ, 1985․ վերահրատարակուած է 10 անգամ) եւ «Հայերը – Մոռցուած ցեղասպանութիւն մը» (Մատրիտ, 2009)։ Առաջինին մէջ ան կը նկարագրէ Մատրիտի մէջ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի տեղադրած մէկ ռումբէն իր մէկ սրունքին կորուստը, իր հանդիպումը ռումբը տեղադրողին ու Հ․ Ա․ Հ․ Գ․ Բ․ի մարտիկներու հետ Լիբանանի անոնց ռազմակայանին մէջ եւ այլն (գիրքը լոյս տեսած է նաեւ հայերէն թարգմանութեամբ՝ ծանօթագրութիւններով լրացուած, «Սիրար» հրատարակչութիւն, Պարսելոնա, 2012, 439 էջ)։ 2015-ին արժանացած է 1986-ին հիմնուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի «Կարպիս Փափազեան» մրցանակին, որ կը շնորհուի հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի տարածման նպաստող օտար գործիչներու՝ յերախտագիտութիւն եւ ի քաջալերութիւն անոնց հայանպաստ աշխատանքներուն։

[cxcviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cxcix] Վերջին պարբերութիւնը աւելցուած է ձեռագիրով։

[cc] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cci] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cciii] Գիրքին ճիշդ խորագիրն է՝ «Հող, Մարդ եւ Գիր»։

[cciv] Դասախօսութիւնը լոյս տեսած է «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»ի նոր շրջան, թիւ Դ․-Ե․, 1983-1984 միացեալ հատորին մէջ՝ էջ 451-457՝ «Գրախօսական – «Հող, Մարդ եւ Գիր» – Հեղ․՝ Գարեգին Բ․ Կաթողիկոս – Անթիլիաս, 1983, 373 էջ» վերնագիրին տակ։

[ccv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccvii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccviii] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «վեր մնալ կարենալու»։

[ccix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccx] Ոսկան եպս․ Գալփաքեան (ծնած է 1942-ին՝ Պէյրութ) – Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի միաբան։ Եղած է Դամասկոսի եւ Յունաստանի էջմիածնական թեմերու առաջնորդ։

[ccxi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxii] Յովհաննէս Հաննէսեան (1928-2013) – Գրահրատարակիչ, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ։ Կարապետ եղբօր հետ Պէյրութի եւ Լոս Անճելոսի «Շիրակ» տպարան-հրատարակչութիւն-գրատունի հիմնադիր, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան հիմնադիր անդամ եւ գործիչ։ 1984-ին ընտանեօք հաստատուած էր Լոս Անճելոս։

[ccxiii] Կարապետ Հաննէսեան (1925-2019) – Գրահրատարակիչ։ Յովհաննէս եղբօր հետ Պէյրութի «Շիրակ» տպարան-հրատարակչութիւն-գրատունի հիմնադիր, համանուն երգարաններու շարքի կազմող։

[ccxiv] Գրիգոր Շահինեան (1930-2009) – Լիբանանահայ մանկավարժ, գրականագէտ, խմբագիր, հասարակական-մշակութային գործիչ։ 1966-1970-ին Պէյրութի մէջ հիմնած, խմբագրած ու հրատարակած է «Ահեկան» մշակութային եռամսեայ հանդէսը։ 1987-2007-ին եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Հիմնարկին տնօրէն, երկար տարիներ՝ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ։

[ccxv] Հաճընցի Ասատուր Սաչեանը հնչակեան եւ այլ շրջանակներու մէջ ծանօթ էր «Հերոս» պատուանունով։ Եղած է Հաճընի 1920-ի ինքնապաշտպանութեան երեւելի մասնակիցներէն։ Պէպոյի տիկինը՝ Ազատուհին Ասատուրի հինգ դուստրերէն էր։

[ccxvi] Պարպիրի անցք – Լիբանանի 1975-1991-ի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Պէյրութի առաւելաբար քրիստոնէաբնակ արեւելեան եւ առաւելաբար իսլամաբնակ արեւմտեան շրջանները իրար կապող հիմնական անցքը։

[ccxvii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxviii] Նոր Հաճըն եւ Խալիլ Պետեւի կամ Ռըմէյլ – Պէյրութի հիւսիսային՝ մեծ մասամբ հայաբնակ թաղամասերէն։ Կը նկատուին հնչակեան ազդեցութեան գօտի։

[ccxix] «Կենաց» եւ Ազգ․ Կերթմէնեան վարժարանները կը գտնուէին Նոր Հաճըն եւ անոր անմիջապէս դրացի Մար Մխայէլ թաղամասերուն մէջ։ Ներկայիս անցած են պատմութեան․․․

[ccxx] Գիւղ Լեռնալիբանանի նահանգի Քեսրուանի գաւառին մէջ։ Հոս հաստատուած է հայ կաթողիկէ Արծիւեան պատրիարքական միաբանութիւնը՝ Սրբուհի Տիրամօր վանքով, ընծայարանով, թանգարանով եւ այլ կառոյցներով։

[ccxxi] Կիւրեղ Մանկրեան – Հնչակեան գործիչ, երաժշտագէտ։ Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցը։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Ա․ Մ․ Ն․ի պաշտօնաթերթ «Մասիս» շաբաթաթերթին տնօրէնը։

[ccxxii] «Նաւասարդ» – «Գրական, մշակութային, ազգային ամսագիր»։ Հիմնադիր, խմբագիր եւ հրատարակիչ՝ Արմէն Տոնոյեան։ Լոյս տեսած է 1982-2004-ին՝ Կլենտէյլի մէջ։

[ccxxiii] Բնագիրին մէջ գրուած է «սիրոյ եւ ողջիւնիւ»։ Այս բառազոյգը ու անոր յաջորդող «անկեղծաբար» բառը աւելցուած են ձեռագիրով։

[ccxxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxxv] Արմենակ, Մարի, Վահան եւ Քնարիկ Հեքիմեաններ։

[ccxxvi] Վերգինէ, Գոհար եւ Արմէն Քեհէեաններ։

[ccxxvii] Պետրոս Սիմոնեան։ Շրջապատին մէջ ծանօթ էր «Փաշա» պատուանունով։ Ան պիտի մահանար նամակի հեղինակման թուականէն 2,5 ամիս ետք՝ 10 Դեկտեմբեր 1982-ին։ Մահազդին մէջ, այրիէն ետք առաջինը կը յիշուի աւագ որդիին՝ Մինաս Սիմոնեանի ընտանիքը։ Մինաս պիտի սպանուէր երկու շաբաթ ետք՝ 24 Դեկտեմբերին։ Մահազդի սգակիր ընտանիքներու շարքին կը յիշուին Սաչեան եւ Սիմոնեան ընտանիքները (տե՛ս «Զարթօնք» օրաթերթ, Պէյրութ, 11 Դեկտեմբեր 1982, էջ 4)։

[ccxxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxxix] Արսէն Ճերեճեան (1920-2003) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, խմբագիր։ Բազմաթիւ անգամ ընտրուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Մինչեւ թերթին հայրենադարձութիւնը՝ 1975-1995-ին մինակը խմբագրած ու հրատարակած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի «Երիտասարդ Հայաստան» ամսաթերթը Նիւ Եորքի մէջ:

[ccxxx] «Երիտասարդ Հայաստան» – «Օրկան՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանին»։ Շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1903-1995-ին՝ յաջորդաբար Պոսթոնի, Նիւ Եորքի, Փրովիտընսի, Շիքակոյի, դարձեալ Նիւ Եորքի եւ Փարամուսի մէջ։ 1998-ի Յունիսին վերջնականապէս որոշուեցաւ թերթը հայրենադարձել։ 30 Հոկտեմբեր 1998-ին լոյս տեսաւ հայրենադարձած թերթի առաջին թիւը Երեւանի մէջ՝ իբրեւ ««Երիտասարդ Հայրենիք» միութեան շաբաթաթերթ»՝ Լոնտոն հաստատուած Մանուէլ Ադամեանի խմբագրութեամբ։ Մինչեւ 1998-ի վերջը հրապարակ ելաւ ընդամէնը չորս թիւ, որմէ ետք դադրեցաւ ներկուսակցական հակամարտութեանց պատճառով։ Մէկուկէս տասնամեակ ետք, 2015-2016-ին նոյն անունով թերթի 26 թիւ հրատարակուեցաւ Երեւանի մէջ՝ իբրեւ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի «լրատու», որմէ ետք դարձեալ հեռացաւ ասպարէզէն։

[ccxxxi] 1982-ի ամառը Լիբանան ներխուժելով ու երկրին երկու երրորդը գրաւելով, Իսրայէլ Լիբանանին պարտադրեց 17 Մայիս 1983-ի այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան պայմանագիրը», որ Լիբանանը պարզապէս կը վերածէր Իսրայէլի կամակատարի։ Լիբանանցի ժողովուրդին մեծ մասը մերժեց այդ պայմանագիրը։ Լիբանանեան Դիմադրութեան անձնասպանական եւ մարտական այլ գործողութիւններու շնորհիւ, Իսրայէլ ստիպուած էր հեռանալ Լիբանանի տարածքի մեծ մասէն, իսկ 17 Մայիսի պայմանագիրը յայտնուեցաւ պատմութեան աղբանոցին մէջ։

[ccxxxii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxxxiii] Հրաչեայ Մաթեւոսեան (1937-2016) – Ծանօթ է Հրաչօ գրական անունով։ Անուանի գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի կրտսեր եղբայրն է: Իր հերթին եղած է արձակագիր, հրապարակագիր, լրագրող եւ հասարակական գործիչ, 1974-1992-ին՝ «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի պատասխանատու քարտուղարը։

[ccxxxiv] Հրաչեայ Մաթեւոսեան, «Բարի Մարդկանց Հովիտը», «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1982, 225 էջ (վիպակներ եւ պատմուածքներ)։

[ccxxxv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxxxvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxxxvii] Ինշալլահ – Եթէ Աստուած կամի (արաբերէն խօսակցական)։

[ccxxxviii] Վերջին երկու բառերն ու ստորագրութիւնը ձեռագիր են։

[ccxxxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxl] Արամ արք․ Քեշիշեան։

[ccxli] «Վահան Թէքէեան․ Նամականի», կազմեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Աւետիս Սանճեան, հրատարակութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Վահան Թէքէեանի 100-ամեակի մատենաշար թիւ 2, Լոս Անճելոս, 1983, 749 էջ։

[ccxlii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxliii] Մարօ Մարգարեան (1915-1999) – Բանաստեղծուհի, թարգմանչուհի։ 1967-1984-ին եղած է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի Սփիւռքի Հետ Կապերի Բաժինի պետը։

[ccxliv] Լեւոն Հախվերտեան (1924-2003) – Հայրենի գրականագէտ, թատերագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր։ Շուրջ կէս դար աշխատած է Հ․ Հ․ի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արուեստի Հիմնարկին մէջ՝ գիտական աշխատող, 1965-էն՝ բաժինի վարիչ, 1987-էն մինչեւ մահը՝ տնօրէն։ 1996-էն՝ նոյն Ակադեմիայի ակադեմիկոս:

[ccxlv] Լեւոն Հախվերտեան Լիբանան գտնուեցաւ 1981-ի վերջին՝ Հոկտեմբերի կէսէն մինչեւ գրեթէ տարեվերջը՝ հայ գրականութեան մասին նիւթեր դասախօսելով Հայկազեան Գոլէճին (ընդհանուրը 40 դասախօսութիւն), Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, նաեւ ամէն կիրակի հրապարակային դասախօսութիւններ տուաւ Հայկազեան Գոլէճի սրահին մէջ։

[ccxlvi] Սարգիս Բայանդուր (1912-2000) – Արվեստաբան, խմբագիր։ Մարօ Մարգարեանի ամուսինն էր։

[ccxlvii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxlviii] 14 Սեպտեմբեր 1982-ին Լիբանանի ընտրեալ նախագահ Պեշիր Ճեմայէլի սպանութեան յաջորդող օրերուն, անոր հրամանատարած «Լիբանանեան Ուժեր» ռազմական խմբաւորման միլիսները, իսրայէլեան դրդումով նախճիրներ գործեցին Պէյրութի Սապրա եւ Շաթիլա պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ՝ հազարաւորներ սպաննելով։

[ccxlix] Սին էլ-Ֆիլ – Պէյրութի հիւսիսարեւելեան թաղամասերէն։ Հոն կը գտնուէր նաեւ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճին շէնքը։

[ccl] Գաբրիէլ Մոլոյեանի քեռայրն է՝ Անի քրոջ ամուսինը։

[ccli] Շողիկ Մոլոյեան – Գաբրիէլ Մոլոյեանի քոյրն է։

[cclii] Շուշ[ան]իկ Մոլոյեան-Վարդանեան։

[ccliii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccliv] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «պատասխանել չկարենալուս»։

[cclv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclvii] Մանուէլ Ադամեան, Հրանդ Գանգրունի։

[cclviii] Պի. Եու. Սի. – Beirut University College – Պէյրութի Համալսարանական Գոլէճ։ Այս բարձրագոյն կրթական հաստատութեան մէջ կը դասախօսէր տիկին Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանը։

[cclix] «Շարժում» – «Հասարակական, քաղաքական շաբաթաթերթ»։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Հարաւային Ամերիկայի փաստական պաշտօնաթերթը։ Լոյս տեսած է 1937-1991 թուականներուն՝ Պուէնոս Այրեսի մէջ (վերջին տասնամեակներուն՝ միայն սպաներէնով)։

[cclx] Յարութիւն Սաղըրեան – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, գրող, խմբագիր, հրապարակագիր։ Մասնագիտութեամբ՝ բժիշկ։ 1980-ին կամ 1981-ին Լիբանանէն գաղթած ու հաստատուած է Ա․ Մ․ Ն․։

[cclxi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclxii] Բենիամին Ժամկոչեանի յուղարկաւորութեան պաշտամունքը տեղի ունեցած է Շաբաթ, 14 Յունուար 1984-ին։ Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունքէն ետք մարմինը տարուած է Ֆրըն Շըպպեքի գերեզմանատուն՝ սաստիկ ռմբակոծութիւններու տակ։

[cclxiii] Բենիամին Ժամկոչեան նախորդ տարուայ վերջին արժանացած էր Խորհրդային Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութեան Մեսրոպ Մաշտոցի անուան միցանակին՝ «լուսաւորութեան եւ մանկավարժութեան բնագաւառում ունեցած վաստակի համար» («Արմենփրես», «Հայրենիքի մրցանակները սփիւռքահայ առաջադէմ գործիչներին», «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթ, թիւ 50 (958), 7 Դեկտեմբեր 1983, էջ 3)։

[cclxiv] Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի բարձրաստիճան աշխատակիցի մը ուղղուած 3 Յունուար 1974 թուակիր նամակի մը մէջ, Բենիամին Ժամկոչեան իր վրդովմունքը կը յայտնէ Սահակեան Լիսէի տնօրէնութենէն զինք հեռացնելու համար։ Ի միջի այլոց, ան կը գրէ․ «․․․ զիս ուղղակի վռնտեցին – ախոռի մէջ գործելու յարմար էի, իսկ փառաւոր շէնքի մէջ` ոչ» (ընդգծումն ու հաստագրումը նամակագիրինն են – Գ․ Ե․):

[cclxv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclxvi] Գիրքին ճիշդ խորագիրն է՝ «Հող, Մարդ Եւ Գիր»։

[cclxvii] Վերջին երեք բառերը ձեռագիրով են։

[cclxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclxx] Կարպիս Տէր Եղիայեան (1949-2021) – Լիբանանահայ, 1976-էն՝ ամերիկահայ կրթական եւ հասարակական գործիչ։ Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի հիմնադիր եւ առաջին տնօրէն։ Բարձր պաշտօններ զբաղցուցած է Ռոթարի ակումբներու ամերիկեան եւ համաշխարհային ցանցերուն մէջ։

[cclxxi] Սամօ/Սամուէլ Սարգիսեան (1944-2022) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի լիբանանահայ, ապա արժանթինահայ գործիչ, Հարաւային Ամերիկայի ղեկավարներէն, թատերական քննադատ։ Յաճախած է Սահակեան Վարժարան, Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Քաղաքագիտութեան Բաժանմունքի եւ Հայագիտութեան Ամպիոնի, նաեւ Լիբանանեան Համալսարանի Լրագրութեան Բաժանմունքի դասընթացքներուն։ Մինչեւ Լիբանանէն Արժանթին մեկնումը 1976-ին՝ 10 տարի ուսուցչութիւն ըրած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճին մէջ՝ բեղուն աշխատակցելով «Արարատ» օրաթերթին՝ ըլլալով անոր խմբագրակազմի անդամ։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի՝ Պուէնոս Այրեսի մէջ 1937-1991-ին լոյս տեսած «Շարժում» հնչակեան շաբաթաթերթի վերջին խմբագիրը (1976-1991)։ Ուսուցչութեան եւ տնօրէնութեան պաշտօններ վարած է Պուէնոս Այրեսի ու անոր արուարձաններէն Վիսենթէ Լոբեսի հայկական վարժարաններուն մէջ։ 2013-ին, մէկ շրջանի համար, եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

[cclxxii] Վաչէ եպս․ Յովսէփեան (1930-2022) – Հետագային՝ արքեպիսկոպոս։ Մինչեւ 1950-ականներու կէսը եղած է Կիլիկիոյ Աթոռի, այնուհետ՝ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինի միաբան։ 1971-2003-ին եղած է Արեւմտեան Ա․ Մ․ Ն․ի էջմիածնական թեմի առաջնորդը։

[cclxxiii] Հ․ Մ․ Մ․ (Հայ Մարմնամարզական Միութիւն) – Մարզական եւ սկաուտական միութիւն։ Հիմնուած է 1921-ին՝ Պէյրութի մէջ։ Կը գործէ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի հովանիին տակ՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, վերջին տասնամեակներուն՝ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։

[cclxxiv] Մանուէլ Ադամեան, «Տաք Մոխիր», տպարան «Արազ», 110 էջ․ Հրանդ Գանգրունի, «Հայաստան 1918 Եւ Հայ Քաղաքական Միտքը», տպարան «Տօնիկեան», 300 էջ․ Արշակ Գազանճեան, ««Մերին Ամերիկան»», տպարան «Տօնիկեան», 306 էջ․ բոլորը՝ Պէյրութ, 1984։

[cclxxv] Շուշիկ եւ Յարութիւն Վարդանեաններ։

[cclxxvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclxxvii] Հոս եւ ուրիշ նամակներու մէջ՝ «ստացուեց» բայը ոչ թէ հայաստանեան բարբառ է կամ արեւելահայերէն, այլ ռուսաբանութիւն, որ աւերներ գործած է ու կը շարունակէ գործել արեւելահայերէնի, վերջին տարիներուն՝ նա՛եւ արեւմտահայերէնի մէջ, ոչ առանց սփիւռքահայ մտաւորականներու մեղսակցութեան․․․

[cclxxviii] Յակոբ Նորունի (բուն մականունով՝ Նորաշխարհեան, 1926-1985) – Գրող, խմբագիր։ Եղած է «Արարատ Գրական» պարբերականի հիմնադիրն ու խմբագիրը։ 1956-1966-ին՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Լիբանանի Վարչութեան ատենապետը։ Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ ունեցած է սեփական պանդոկ որ ծառայած է իբրեւ Խորհրդային Միութեան Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի լիբանանեան կեդրոններէն մէկը։ Երբ հակախորհրդային գաղտնի սպասարկութիւններ 1975-ին կասկածած են իր խորհրդային գործակալ ըլլալուն, Պ․ Ա․ Կ․ը կազմակերպած է Նորունիի հապշտապ տեղափոխումը Խորհրդային Միութիւն։ Մինչեւ մահը ապրած է Երեւանի մէջ։

[cclxxix] «Արարատ Գրական» – «Արարատ» օրաթերթի գրական յաւելուած։ Լոյս տեսած է 1956-1965 տասնամեակին, սկիզբը՝ երկշաբաթաթերթ՝ 8 էջ ծաւալով, 29 Նոյեմբեր 1956-էն՝ ամսաթերթ՝ 48 էջ ծաւալով։ Հրատարակութիւն «Արարատ» օրաթերթի, ապա Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան։ Խմբագիր՝ Յակոբ Նորունի (Նորաշխարհեան)։ Ունեցած է 3-4 հոգինոց խմբագրակազմ, որուն 1960-ականներու սկիզբէն մաս կազմած է նաեւ Պէպօ Սիմոնեանը։

[cclxxx] Նկատի ունի Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութիւնը։

[cclxxxi] Այսպէս է բնագիրին մէջ։ Հաւանաբար «այցելութիւնը» բառը պէտք է ըլլայ «արձակուրդը»։

[cclxxxii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclxxxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclxxxiv] Պետրոս Մուշեան (1925, Սուք էլ-Ղարպ գիւղ, Լիբանան – 4 Օգոստոս 2015, Թորոնթօ) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի եւ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի եռանդուն գործիչ Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ։ Յաճախած է Սահակեան Վարժարան։ Եղած է կուսակցութեան Լիբանանի մարտական պատասխանատուներէն, Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի Գանատայի Վարչութեան նախագահ եւ միութեան «Լուսաբաց» ամսաթերթի երկարամեայ խմբագիր, Գանատայի մէջ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի կառոյցի հիմնադիր-կազմակերպիչն է։ 1970-ականներուն խմբագրած է Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Նոր Սերունդ» պարբերաթերթը։ Բազմիցս ընտրուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

[cclxxxv] «Լուսաբաց» – Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, իրականութեան մէջ՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Գանատայի շրջանակի ամսական հրատարակութիւն։ Սկսած է լոյս տեսնել 1983-ին։ Կը շարունակուի։ Խմբագիրներ՝ Պետրոս Մուշեան, ապա Եփրեմ Թոքճեան։

[cclxxxvi] Նուարդ Մուշեան։

[cclxxxvii] Պետրոս եւ Նուարդ Մուշեաններու դուստրը՝ Տանիէլ-Օրօր։

[cclxxxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cclxxxix] Վահան Մուրատեան – Լիբանանի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան անդամ համալսարանաւարտ երիտասարդ, որ գաղթած էր Թորոնթօ։

[ccxc] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxci] Շատ հաւանաբար Յակոբ Նորաշխարհեան/Նորունին է։

[ccxcii] Եղիկ Ճերեճեան (ծնած է 1957-ին՝ Պէյրութ) – Հնչակեան եւ հասարակական ղեկավար գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ ատամնաբուժ։ Աւարտած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանը ու Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկի ատամնաբուժութեան բաժանմունքը։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ, կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, չորս յաջորդական անգամ (1992-2009)՝ Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան։ Հնչակեան պատմութեան առնչուած քանի մը գիրքերու հեղինակ է։

[ccxciii] Ռոպերթ Հրաչեայի Խաչատրեան (1921-?) – Խորհրդային պետական եւ կուսակցական գործիչ, պատմաբան։ Աւարտած է Ատրպէյճանի Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունքը։ 1947-էն աշխատած է Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի համակարգին մէջ, 1954-1976-ին եղած է Կենտկոմի անդամ, 1966-1973-ին՝ Կենտկոմի քարտուղար գաղափարախօսութեան գծով եւ Կենտկոմի Բիւրոյի անդամ։ 1964-1966-ին եղած է մշակոյթի նախարար։ 1974-էն անցած է գիտական աշխատանքի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկին մէջ։

[ccxciv] Էտուարտ Մելքոնեան (ծնած է 1946-ին՝ Երեւան) – Սփիւռքագէտ, մշակութաբան, հետագային՝ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր։ 1969-1981-ին աշխատած է Հ․ Խ․ Ս․ Հ․ի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Փիլիսոփայութեան եւ Իրաւունքի Հիմնարկին, 1981-1995-ին՝ Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Սփիւռքահայ համայնքներու եւ պատմութեան ու մշակոյթի բաժինին մէջ։ 1995-էն՝ նոյն հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող է։ 1993-1994-ին եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ուղղութեամբ։

[ccxcv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccxcvi] Վերա Յակոբեան (1928-2017) – Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդավարուհի, տաղանդաւոր ասմունքող: Հեղինակն է Երեւանի ձայնասփիւռի «Երեւա՛նն է խօսում» հռչակաւոր ազդականչին, որ սփիւռքահայոց հոգին կը ցնցէր։ 1972-ին երգչուհի Պելլա Դարբինեանի հետ այցելած է Լիբանան եւ ասմունքներով հանդէս եկած լիբանանահայութեան առջեւ։

[ccxcvii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Պատճէն։

[ccxcviii] Սարգիս Նաճարեան (1937-2025) – Լիբանանահայ լրագրող, հրապարակագիր, խմբագիր, հասարակական գործիչ, Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքի հիմնասիւներէն։ Մաս կազմած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան։ 2001-2002-ին եղած է թերթին խմբագիրը։ Երկար տասնամեակներ եղած է օգնական խմբագիրը, երբեմն՝ նաեւ խմբագիրը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Մասիս» շաբաթաթերթին (Պէյրութ)։ Երկար տարիներ եղած է Հ․ Մ․ Մ․ի Պէյրութի Վարչութեան ատենապետը, 1980-ականներուն՝ 8 տարի վարած է Հ․ Մ․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետութիւնը։ Նաեւ եղած է տնօրէնը Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի զոյգ դարմանատուներուն։

[ccxcix] Յարութիւն Թորոսեան (1933-2022) – Լիբանանահայ համբաւաւոր գեղանկարիչ:

[ccc] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccci] Ստեփան եւ Բերկրուհի Սվաճեաններու միակ զաւակը՝ Սիլվա Սվաճեան-Եահիայեան։

[cccii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccciii] Էտուարտ Ջրբաշեան։

[ccciv] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի եւ ֆրանսերէն օրագրային տետրէ փրցուած թուղթի մը վրայ։ Սեւագիր։

[cccv] Գնէլ արք․ Ճերեճեան (1915-2001) – Յաջորդաբար եղած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց, Կիլիկիոյ Աթոռի եւ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինի միաբանութեանց անդամ։ Ճերեճեաններու մեծ մասին նման՝ եղած է հաւատաւոր հնչակեան։ 1957-1990-ին եղած է Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասի Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ քարոզիչ։ 1991-ին տեղափոխուած է Դամասկոս ուր վարած է փաստական առաջնորդի պաշտօնը մինչեւ վախճանիլը։ Եղած է Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի Պ․ Ա․ Կ․ի գործակալ։

[cccvi] Ատրինէ Տատրեան (1913-2002) – Սթամպուլահայ, ապա ֆրանսահայ վիպագիր, պատմուածքագիր, թատերագիր։ Սթամպուլի մէջ որոշ ժամանակ խմբագրած է Բագարատ Թեւեանի «Պարտէզ» մանկա-պատանեկան երկշաբաթաթերթը։ 1968-ին անցած է Փարիզ, ապա հաստատուած է Նիսի մէջ։

[cccvii] Սկիզբը գրուած է «շարունակէ», ապա բայը վերածուած է «շարունակել»-ի, իսկ անկէ առաջ, տողին վրայ, տողամիջեան տարածութեան մէջ աւելցուած է «կարենայ» բայը։

[cccviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccix] «Ձեզ» դերանունը աւելցուած է տողին վրայ, տողամիջեան տարածութեան մէջ։

[cccx] «Եւս» բառը աւելցուած է տողին վրայ, տողամիջեան տարածութեան մէջ։

[cccxi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxii] Հայկական Ընթերցասրահը հիմնուած է 28 Մարտ 1902-ին՝ Գահիրէի մէջ։ Կը գտնուի Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի հովանիին տակ եւ կը նկատուի վերջինիս Եգիպտոսի չյայտարարուած կեդրոնատեղին։

[cccxiii] Սկիզբը գրամեքենագրուած է «հաստատեցիք», ապա բառին վերջաւորութիւնը ձեռագիրով դարձուած է «նք»։

[cccxiv] «Ջահակիր» – Հիմնուած է 1948-ին՝ իբրեւ երկշաբաթաթերթ։ Հրատարակիչ եւ խմբագիր՝ Հայկ Ժամկոչեան։ Հետագային հրաըտարակիչը դարձած է Հայկական Ընթերցասրահը։ Կը նկատուի Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Եգիպտոսի չյայտարարուած պաշտօնաթերթը։ Վերջին տասնամեակներուն լոյս կը տեսնէ անկանոն պարբերականութեամբ։ Արտօնատէր եղած են Սարգիս, ապա Մարտիրոս Պալայեանները։

[cccxv] Եդուարդ Յակոբեան (1920-2004) – Եգիպտահայ յայտնի երգահան եւ խմբավար։

[cccxvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxvii] Նկատի ունի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Պէյրութի երկատուած ըլլալու փաստը։

[cccxviii] Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Տիգրան եւ Ռազմիկ Գալայճեանները կը գտնուէին Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ տեղակայուած Պէյրութի Համալսարանական Գոլէճի (Beirut University College, BUC) դասախօս իրենց մօր քով եւ կը յաճախէին բարձր վարկանիշ ունեցող Միջազգային Գոլէճ (International College)։

[cccxix] Լուսին Պալայեան։

[cccxx] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxxi] Ճան Պաշեան – Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանի Հռիփսիմէ Սաչեան-Արսլանեան քրոջ Շնորհ դստեր ամուսինը։

[cccxxii] Շնորհ Արսլանեան-Պաշեան – Տէր Ղեւոնդ քահանայ Արսլանեանի եւ Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեանի Հռիփսիմէ Սաչեան-Արսլանեան քրոջ աւագ դուստրն է։

[cccxxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxxiv] 1952-ին Պէյրութի մէջ ծնած Մինաս Սիմոնեանը սպանուած է 24 Դեկտեմբեր 1982-ին՝ անծանօթներու կողմէ, մինչ սգաւոր էր 10 Դեկտեմբերին մահացած հօր համար։ Ան եղած է համակիր Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին։ Սպանութեան համար Հ․ Ա․ Հ․ Գ․ Բ․ը ամբաստանեց Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը՝ MIT-ը։ Պէպօն եւ Մինաս Սիմոնեանները երկու եղբօր թոռներ են։ Անոր մահազդին մէջ, սգակիրներու շարքին կը յիշուին տէր եւ տիկին Պէպօ Սիմոնեանները ու տէր եւ տիկին Արմենակ Հեքիմեանները («Զարթօնք» օրաթերթ, Պէյրութ, 28 Դեկտեմբեր 1982, էջ 4)։

[cccxxv] Ալիս Սիմոնեան աւագ։

[cccxxvi] Սոնա Սիմոնեան։

[cccxxvii] Աբրահամ/Աբօ Աշճեան (1925-?) – Լիբանանի մէջ Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան մարտական պատասխանատուներէն, ըստ հաւաստի աղբիւրներու՝ Հ․ Յ․ Դ․ի հովանին վայելած Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ գաղտնի կազմակերպութեան ղեկավարը։ 29 Դեկտեմբեր 1982-ին անյայտ անձերու կողմէ առեւանգուեցաւ իր թիկնապահին հետ Պէյրութի մէջ ու այդպէս ալ անհետ կորսուեցաւ։ Առեւանգումներուն համար Հ․ Յ․ Դ․ն ամբաստանեց Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը։

[cccxxviii] Ս. Յարութիւն – Պէյրութի՝ առաւելաբար հնչակեան եւ համայնավար ազդեցութեան տարածք նկատուող Խալիլ Պետեւի կամ Ռըմէյլ թաղի հայ առաքելական եկեղեցին։

[cccxxix] «Շնորհ» բառը ընդգծուած է երկու զուգահեռ գիծերով՝ ձեռագիրով։

[cccxxx] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxxxi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxxxii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxxxiii] «Երկար» բառէն սկսեալ նամակը շարունակուած է ձեռագիրով։

[cccxxxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxxxv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxxxvi] Փոլ Կիրակոսեան (1926-1993) – Լիբանանահայ ականաւոր գեղանկարիչ, ուսուցիչ։

[cccxxxvii] Լիբանանի թեմի առաջնորդ Արամ եպս․ Քեշիշեան (ծնած է 1947-ին՝ Պէյրութ), 2 Յուլիս 1995-էն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․։

[cccxxxviii] Նախորդ ամիսներուն Լիբանանի մէջ թափ առած էին առեւանգումներ ու եղբայրասպանութիւններ մէկ կողմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, միւս կողմէ՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին միջեւ։

[cccxxxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxl] Գրիգոր Ջանիկեան (ծնած է 1944-ին՝ Խասքովօ, Պուլկարիա) – Գրող, լրագրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ, գիրքերու խմբագիր։ Փոքր տարիքին ընտանեօք հայրենադարձած է։ Երկար տասնամեակներ աշխատած է հայրենական տարբեր թերթերու խմբագրութեանց մէջ։ Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ կամ կազմող է։

[cccxli] Վահագն Գրիգորեան (ծնած է 1942-ին) – Վիպագիր, արձակագիր, թարգմանիչ: 1960-80-ականներուն աշխատած է Երեւանի հրատարակչութիւններու եւ պարբերականներու խմբագրութիւններու մէջ։ Վերջին տարիներուն կ’ապրի Լաթվիոյ մէջ։

[cccxlii] Երեւանի Նոր Սեբաստիա թաղամասի կրթահամալիրի տնօրէնուհի Վերոնիքա Գէորգեան։

[cccxliii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxliv] Պէպօ Սիմոնեանի ընտանիքը Պէյրութի մէջ կը բնակէր տոքթոր Սաղըրեանի համասեփականութիւնը եղող շէնքի մը մէջ իբրեւ վարձակալ։

[cccxlv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxlvi] Արմէն Տոնոյեան (1936-2017) – Կրթական մշակ, գրող, խմբագիր։ Եղած է Պուրճ Համմուտի Ազգ․ Նուպարեան Վարժարանի տնօրէնը։ 1980-ականներուն Լիբանանէն գաղթած է ու հաստատուած Կլենտէյլ։ 1982-ին հիմնած ու մինչեւ 2004 խմբագրած ու հրատարակած է «Նաւասարդ» «գրական, մշակութային, ազգային ամսագիր»ը Կլենտէյլի մէջ։

[cccxlvii] Սկիզբը գրամեքենագրուած է «կը շարունակեմ» բայը, որ յետոյ ջնջուած է փոքր գծիկներով ու տողին վրայ, տողամիջեան տարածութեան մէջ գրամեքենագրուած է «կը գնահատեմ» բայը։

[cccxlviii] Մուխթար – Թաղապետ (արաբերէն)։

[cccxlix] Մելքոն Սեֆէրեան (1930-2010) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի եւ անոր հովանիին տակ գտնուող միութիւններու գործիչ, Պէյրութի ալ-Մուտաուար շրջանի թաղապետ 1950-ականներէն մինչեւ մահը։

[cccl] Ուաքալէ – Փոխանորդագիր (արաբերէն):

[cccli] Այս չորս բառերը գրուած են ձեռագիրով։

[ccclii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccliii] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է «հասնելը»։

[cccliv] Զաւէն Տոլապճեան (1928-1983) – Եգիպտոսէն 1947-ին հայրենադարձ, 1980-ականներու սկիզբը՝ հայրենաթող գրող։ Մասնագիտութեամբ՝ սրտաբան։ Մահացաւ Հայրենիքէն արտագաղթելէ շատ չանցած՝ սրտի կաթուածէ․․․

[ccclv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccclvi] Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեանի մօրաքրոջ դստեր՝ Վիքթորի ընտանիքը՝ Անդրանիկ ամուսինը եւ իրենց զաւակները։

[ccclvii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Սեւագիր։

[ccclviii] Սարգիս Մենակ – Լիբանանահայ ձեռներեց։ Եղած է 1947-ին գոյառած Թէքէեան Մշակութային Միութեան եօթը հիմնադիրներէն եւ Թ․ Մ․ Մ․ի Հիմնադիրներու Մարմինի առաջին կազմի անդամ։

[ccclix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccclx] Յակոբ Սարգիսեան – Լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, գիրքերու կազմող եւ խմբագիր։

[ccclxi] Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ – 1947-ին Պէյրութի մէջ հիմնուած հասարակական կազմակերպութիւն։ Աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է մինչեւ Լիբանանի երկրորդ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը 1975-ին։ 1965-1972-ին լոյս ընծայած է «Էջեր Գրականութեան Եւ Արուեստի» գրական-մշակութային եռամսեայ պարբերականը։ 1956-ին ստեղծած է «Նոր Բեմ» թատերախումբ։ Սերտ կապեր հաստատած է արաբ մտաւորական շրջանակներու հետ, հրատարակած հայ եւ օտար գրողներու գիրքեր։ Ներկայիս ունի անուանական գոյութիւն՝ իր մասին յիշեցնելով հրապարակային դասախօսութիւններով, Մարտի 8-ի, Մայիսի 1-ի եւ այլ տօներու նշումով։ Ունեցած է եւ ներկայիս կը պահպանէ իր յառաջդիմական-համայնավարական թեքումը։

[ccclxii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccclxiii] Նկատի ունի Գնէլ արք․ Ճերեճեանը։ Ըստ տիկին Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանի վկայութեան, վերջինս տարիներով աշխատած է Պէպօ Սիմոնեանը հեռացնել Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութենէն եւ անոր աթոռը ինք զբաղեցնել։

[ccclxiv] Վահրիճ Ճերեճեան։

[ccclxv] Ժիրայր Նայիրի։

[ccclxvi] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։

[ccclxvii] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «գումարել չկարենալէ»։

[ccclxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccclxix] Ալֆոնս Ադդարեան/Արմէն Դարեան։

[ccclxx] Արշօ Քէօշկերեան-Թիւթիւնճեան (?-2019) – Լիբանանահայ հասարակական գործիչ։ Եղած է Հ․ Բ․ Ը․Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի փոխատենապետուհի, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․-Հ․ Ե․ Ը․ի ծաղկայարդարման «Բուրաստան» ակումբի հիմնադիր եւ մինչեւ 1999 երկարամեայ ատենապետուհի, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․-Հ․ Ե․ Ը․ի Ասպետներու Համախմբումի Վարչութեան անդամ, յիշեալ երկու միութեանց մարզական տարբեր մարմիններու եռանդուն անդամ։ Մեծ ներդրում ունի Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի շրջանի մարզական գործունէութեանց մէջ, գլխաւոր կազմակերպիչներէն է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Նաւասարդեան մարզական փառատօներուն։ 1999-ի Նոյեմբերէն մինչեւ մահը ապրած է Քաթարի մէջ՝ դստեր քով։

[ccclxxi] Նկատի ունի Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի «Սովետական Հայաստան» ամսաթերթը, որու գլխաւոր խմբագրի տեղակալն էր Կարէն Սիմոնեան։

[ccclxxii] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է՝ «տեսնէր»։

[ccclxxiii] Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Սովետական Հայաստան» ամսագիրի 1983-ին 12-րդ, Դեկտեմբերի համարին մէջ լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի ընդամէնը մէկ բանաստեղծութիւնը. 26-րդ էջին մէջ տպուած է անոր «Անհրաշք Յարութիւն (Խորհրդային Հայաստանին)» երկար քերթուածը:

[ccclxxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccclxxv] Կարէն Սիմոնեանի «Նալբանդեան» վարքագրութիւնը լոյս տեսած է 1984-ին՝ Մոսկուայի մէջ։

[ccclxxvi] Քոզմօ Քոզմոյեան (1913-1984) – Պատմաբան։ Ծնած է Սեբաստիա։ Մեծ Եղեռնի ժամանակ հարազատներով տարագրուած է։ 1924-ին հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան։ 1940-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունքը։ Մինչեւ 1948 զբաղած է ուսուցչութեամբ, ապա դարձած է ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի գիտական աշխատող մինչեւ մահը, որ պատահած է 1984-ի Նոյեմբերին։

[ccclxxvii] Նկատի ունի հայ համայնավարներու շրջանակին պատկանող Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ – Թեքնոփրես հրատարակչատուն-տպարանը։

[ccclxxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccclxxix] Ակնարկուած գիրքը Պէյրութի մէջ ընդհանրապէս լոյս չէ տեսած։

[ccclxxx] Նկատի ունի Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութիւնը։

[ccclxxxi] Շատ հաւանաբար՝ Մանուէլ Ադամեանն է։

[ccclxxxii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccclxxxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[ccclxxxiv] Պետրոս եւ Մինաս Սիմոնեաններ։ «Փաշա» անունով ծանօթ Պետրոս Սիմոնեանը Պէպոյի հօր՝ Տիգրան Սիմոնեան աւագի հօրեղբօրորդին էր։ Մինասը (1952-1983) եղած է Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի համակիր եւ այդ հիմքով ալ սպանուած։

[ccclxxxv] Ալիս Սիմոնեան աւագ։

[ccclxxxvi] Ալիս Սիմոնեան կրտսեր – Սպանուած Մինաս Սիմոնեանի դստրիկն է։

[ccclxxxvii] «Ունէր» բայը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։

[ccclxxxviii] Տիգրան Գալայճեան սպանուած էր 45 տարեկան հասակին՝ ծանրօրէն վիրաւորուելով 16 Նոյեմբեր 1958-ին` Պէյրութ գետի ափին Թաթուլեանի սրճարանին վրայ նետուած ձեռնառումբէն: Կը կասկածուի, թէ ոճրագործը եղած է դաշնակցական ոճրագործ Եփրեմ Խրիմեանը։

[ccclxxxix] «Փաշան» անունը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։

[cccxc] Վիվիան Սիմոնեան – Վահէ Սիմոնեանի տիկինը։

[cccxci] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Պէպոյի ինքնակենսագրութիւնը գրամեքենագրուած է սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxcii] Գառնիկ Ստեփանեան (1909-1989) – Պատմաբան, բանասէր, թատերագէտ, արուեստագիտութեան դոկտոր, հայ մտաւորականներու եռահատոր կենսագրական բառարանի հեղինակ։

[cccxciii] Գառնիկ Ստեփանեան, «Կենսագրական Բառարան», Բ. հատոր, «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1981, 327 էջ։

[cccxciv] «Կենսագրական բառարան»ի Գ. հատորը լոյս տեսաւ հեղինակի մահէն ետք․ Գառնիկ Ստեփանեան, «Կենսագրական Բառարան», Գ. հատոր, «Խորհրդային Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1990, 320 էջ։

[cccxcv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxcvi] Պէպօ Սիմոնեանի մօրեղբօրորդի Զոհրապ Վարդանեան, տիկինը՝ Ռոզին եւ իրենց դուստրը՝ Սիլվի Վարդանեան։

[cccxcvii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cccxcviii] Վահէ Օշական (1922-2000) – Վիպագիր, գրականագէտ, համալսարանի դասախօս: Յակոբ Օշականի որդին։

[cccxcix] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։ Նամակին մէջ ուրիշ տեղեր եւս կան շարահիւսական անհարթութիւններ։

[cd] 1977-1983-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռակից կաթողիկոս, 1983-1995-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, 1995-1999-ին Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինի կաթողիկոս Գարեգին Սարգիսեան (1932-1999)։

[cdi] Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» կոթողային աշխատասիրութեան հինգ հատորները լոյս տեսած էին 1945-1956-ին՝ Երուսաղէմի մէջ, Զ․ հատորը՝ 1968-ին՝ Պէյրութի մէջ։ Գարեգին Բ․ Սարգիսեանի նախաձեռնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն 1979-1982-ին յաջորդաբար լոյս տեսան Է․-Ժ․ հատորները՝ 2141 էջ գումարային ծաւալով։

[cdii] «Բագին» – «Ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի»։ Լոյս կը տեսնէ 1962-ի Յունուարէն։ Մինչեւ 1996 եղած է Հ․ Յ․ Դ․ Բիւրոյի հրատարակութիւնը, ապա փոխանցուած է Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան։ Կը շարունակուի լոյս տեսնել անկանոն պարբերականութեամբ։ Խմբագիրներէն եղած են Կարօ Սասունին, Պօղոս Սնապեանը, Յակոբ Պալեանը։

[cdiii] Մ․ Իշխան (Մուշեղ Ճենտերէճեան, 1913-1990) – Լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, խմբագիր, կրթական գործիչ: Նախակրթութիւնն ստացած է Դամասկոսի Ազգ․ Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ։ 1930-1935-ին եղած է Համազգայինի Պէյրութի Հայ Ճեմարանի առաջին սաներէն։ 1935-1938-ին դասաւանդած է նոյն կրթարանին մէջ։ 1938-1940-ին հետեւած է Պրիւքսելի Համալսարանի մանկավարժութեան եւ գրականութեան դասընթացքներուն։ 1941-1951-ին եղած է «Ազդակ» օրաթերթին խմբագիրը։ Այնուհետ մինչեւ իր մահը հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ՝ երկար տարիներ զուգահեռաբար ըլլալով դպրոցի տնօրէնի տեղակալը։

[cdiv] Գարեգին Ա․ Յովսէփեան (1867-1952) – Խոշոր հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, վիմագրագէտ, ձեռագրագէտ, ազգային, կրթական եւ հասարակական գործիչ։ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինի միաբանութեան անդամ, 1945-1952-ին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս։ Հայագիտական կոթողային հատորներու եւ բազմահարիւր ուսումնասիրութեանց հեղինակ է։

[cdv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdvi] Knott’s Berry Farm – Զուարճութեանց զբօսայգի Գալիֆորնիոյ մէջ։

[cdvii] «Նաեւ» բառը աւելցուած է ձեռագիրով՝ տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։

[cdviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdix] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է՝ «կը զգացնէ»։

[cdx] Ձեռագիր՝ սովորական հինգ թուղթի վրայ։ Պատճէն։

[cdxi] Վարդիվառ Տ[էր] Գալուստեան (1930-2007) – Լիբանանահայ գործարար, բարերար, երկար տասնամեակներ Պէյրութի արեւելեան արուարձաններէն Սին էլ-Ֆիլի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ։ 1957-ին հիմնած է հրդեհաշիջման «Ճաւա» ընկերութիւնը, որ դարձաւ Լիբանանի գլխաւորներէն մէկը:

[cdxii] Հապիպ Հաքիմ – Սին էլ-Ֆիլի քաղաքապետի պաշտօնը զբաղցուցած է 35 տարի անընդմէջ՝ 1963-1998-ին։ Եղած է հայութեան ջերմ բարեկամ։ Վարդիվառ Տէր Գալուստեանի խորհուրդով եւ օժանդակութեամբ, թանկարժէք պարգեւներով պատուած է 1973-ին Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնն ու բաժակը նուաճած հայրենի «Արարատ» խումբին անդամներն ու մարզիչները։

[cdxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxv] Գէորգ Խրլոբեան (1927-2010) – Բանասիրական եւ աստուածաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր։ Որդին է վերապատուելի Տիգրան Խրլոբեանի։ 1946-ին հայրենադարձած է Հալէպէն։ 1968-1969 ուսումնական տարեշրջանին, Երեւանէն իբրեւ այցելու դասախօս, դասաւանդած է Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճին մէջ։ 1980-ականներուն արտագաղթած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր շարունակած է դասախօսական գործունէութիւնը, եղած է Լա Վերնի Գոլէճի Հայագիտութեան Ամպիոնի վարիչ։

[cdxvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxvii] Ճորճ/Գուրգէն-Գէորգ Տէօքմեճեան (1928-2018) – Ամերիկահայ քաղաքական եւ պետական գործիչ, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, 1978-1982-ին՝ Գալիֆորնիոյ նահանգի գլխաւոր դատախազ, 1983-1991-ին՝ նոյն նահանգի կառավարիչ։

[cdxviii] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ խտացնել կարենալու։

[cdxix] Փրոֆ․ Գէորգ Խրլոբեան Պէյրութ գտնուած է 1968-1969 ուսումնական տարեշրջանին՝ դասախօսելու համար Հայկազեան Գոլէճին մէջ։

[cdxx] «Գլաձոր» – «Հայագիտական հանդէս»։ Հրատարակութիւն Գալիֆորնիոյ Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի։ Լոյս տեսած է ընդամէնը երկու անգամ՝ Ա․ տարի, թիւ 1, գարուն 1985 եւ Բ․ տարի, թիւ 1, ձմեռ 1986 նշումներով։

[cdxxi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxxii] Միհրան Սիմոնեան – Լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ հասարակական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ ատամնաբուժ։ 1970-1984-ին եղած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (Հ․ Ե․ Ը․) Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։

[cdxxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxxiv] Սիմոն Սիմոնեան (1914-1986) – Հալէպահայ, ապա լիբանանահայ գրող, գրականագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր, մանկավարժ, հրատարակիչ։ Յաճախած է Հալէպի հայկական եւ լատինական դպրոցներ, ապա Անթիլիասի դպրեվանք։ Ուսուցչագործած է Հալէպի մէջ, ուր 1944-ին ուրիշներու հետ հիմնած է Հալէպահայ Ուսուցչական Միութեան «Սեւան» տպարանը, եւ 1946-ին խմբագրած միութեան նոյնանուն պարբերագիրքին երկու թիւերը։ Գարեգին Ա․ Յովսէփեանի հրաւէրով նոյն տարի վերադարձած է Անթիլիաս իբրեւ կաթողիկոսի անձնական քարտուղարը եւ գիտական օգնականը։ 1955-ին Պէյրութի մէջ հիմնած է «Սեւան» հրատարակչատուն-տպարանը, որմէ լոյս տեսած է շուրջ 500 անուն գիրք։ Դասաւանդած է Անթիլիասի դպրեվանքին եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի երկրորդական զոյգ վարժարաններուն մէջ։ 1958-ին հիմնած ու մինչեւ 1974-ի վերջ խմբագրած է «Սփիւռք» շաբաթաթերթը։ Ութը գիրքերու եւ նախակրթարանի հայոց պատմութեան դասագիրքերու շարքի հեղինակն է, Օննիկ Սարգիսեանի հետ՝ նախակրթարանի հայերէնի դասագիրքերու «Արագած» շարքի համահեղինակը։ Երկարամեայ նախագահը եղած է Լիբանանի Սասունի Հայրենակցական Միութեան։ Հսկայական դեր խաղցած է սփիւռքահայ, յատկապէս լիբանանահայ գրական, հրատարակչական, կրթական, մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ։

[cdxxv] Մեծ մասամբ Սիմոն Սիմոնեանի ձեռնասուններէն բաղկացած Լոս Անճելոսի Գրական Խմբակին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 13 Մարտ 1983-ին, Լոս Անճելոսի մէջ կայացած էր Սիմոն Սիմոնեանին նուիրուած մեծարանքի երեկոյ՝ ի պատիւ անոր գրական գործունէութեան 40-ամեակին՝ մեծարեալին ներկայութեամբ։ Այս առթիւ նոյն խմբակը պատրաստած ու Լոս Անճելոսի «Ալքօ» տպարանէն լոյս ընծայած էր «Յոբելեան Սիմոն Սիմոնեանի Մանկավարժական, Բանասիրական, Հրատարակչական, Խմբագրական եւ Գրական Գործունէութեան» խորագիրով գրքոյկը, 63 էջ։

[cdxxvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxxvii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Պատճէն։

[cdxxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxxix] Լիբանանի ընտրեալ նախագահ Պեշիր Ճեմայէլ սպանուած էր 14 Սեպտեմբեր 1982-ին՝ Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի Փաղանգաւորներու Կուսակցութեան կեդրոնին մէջ։

[cdxxx] Գրող Ալֆոնս Ադդարեան/Արմէն Դարեան եւ տիկինը՝ Յովհաննէս եւ Խաչիկ Փիլիկեաններու քոյր Արսինէ Փիլիկեան-Ադդարեան։

[cdxxxi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxxxii] Լոնտոնաբնակ հնչակեան գործիչ, վիպագիր Եղիա Եղիազարեան։

[cdxxxiii] Լոնտոնաբնակ Նորայր եւ Իվոն Թորիկեաններ։ Տե՛ս անոնց հետ նամակագրութիւնը այս նամականիին մէջ։

[cdxxxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxxxv] Երուանդ Հ․ Քասունի (ծնած է 1937-ին՝ Հալէպ) – Պատմագիտութեան դոկտոր, համալսարանի դասախօս, պարբերական մամուլի եւ գիրքերու խմբագիր, պատմագիտական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, կազմող եւ ծանօթագրող։ Յաճախած է ծննդավայրի Ուսումնասիրաց եւ Հայ Աւետ․ Բեթէլ վարժարաններ, ապա Ալեփփօ Գոլէճ։ 1956-ին կ’անցնի Լիբանան, Պէպօ Սիմոնեանին հետ կը հետեւի Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Հայագիտութեան Ամպիոնի Հին եւ միջնադարեան մատենագրութեան դասընթացքներուն՝ 1959-ի ամառը արժանանալով վկայագիրի՝ «լաւ յիշատակութեամբ»։ Ապա Հայկազեան Գոլէճէն կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից, Երեւանի Պետական Համալսարանէն՝ պատմագիտութեան թեկնածուի գիտական աստիճանները։ 1963-1988-ին կը դասախօսէ Հայկազեան Գոլէճին մէջ, ուր 1970-ին կը հիմնէ ու 20 տարի կը խմբագրէ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը։ 1978-1991-ին՝ Գոլէճի Հայագիտական Ուսմանց Կեդրոնի, 1991-2007-ին՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ․ Եկեղեցիներու Միութեան Հրատարակչական Գրասենեակի վարիչ տնօրէն։

[cdxxxvi] «Մենք» – Համանուն գրական խմբակի հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1931-1932-ին, 1931-ին՝ երկու թիւ, 1932-ինէ 3 թիւ, ընդ որուն՝ թիւ Դ․-Ե․ը միացեալ է։

[cdxxxvii] Լիբանանի պատերազմին պատճառով, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԺԱ․ հատորը լոյս տեսաւ նամակի հեղինակման թուականէն հինգ տարի ետք՝ 1991-ին։ Հանդէսի այդ հատորին մէջ Պէպօ Սիմոնեանէն որեւէ նիւթ չկայ։

[cdxxxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxxxix] Գրիգոր Քէօսէեան (ծնած է 1930-ին) – Մամուլի եւ գիրքերու լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ խմբագիր, հասարակական գործիչ, երգիծանկարիչ։ Յաճախած է հիմնականին մէջ օտար վարժարաններ։ Հայերէնը զարգացուցած է ինքնաշխատութեամբ։ 1976-1982-ին ապրած է Փարիզի մէջ, այնուհետ հաստատուած է Պոսթոն, ուր 1982-1995-ին եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի «Պայքար» պաշտօնաթերթի վերջին խմբագիրը նախքան պարբերականին հայրենադարձը։ Երեք հատորով հրատարակած է ֆրանսահայ խիզախ գրող Շահան Շահնուրի (Քերեսթէճեան, 1903 – 1974) նամականին։

[cdxl] «Պայքար» – Ռ․ Ա․ Կ․ի Ամերիկայի շրջանի պաշտօնաթերթ։ Քանի մը թերթերու միաւորումով 1923-ին լոյս աշխարհ սկսած է գալ այս անունով՝ Պոսթոնի մէջ։ Օրաթերթ, 1982-1993՝ շաբաթաթերթ, 1993-1995՝ ամսաթերթ։ 1995-1998-ին ամսագիրի ձեւաչափով լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, ապա ընդհատուած։ Վերսկսած է լոյս տեսնել զուգահեռաբար Նիւ Ճըրզիի եւ Պէյրութի մէջ՝ 2017-ի Յունուարին։ Կը շարունակուի շաբաթական կանոնաւոր պարբերականութեամբ։

[cdxli] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxlii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxliii] Խօսքը կը վերաբերի Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուած Խորհրդային Մշակութային Կեդրոնին։

[cdxliv] Այտա Բաբայեան-Քոզմոյեան – Ռոմէն Քոզմոյեանի վաղամեռիկ տիկինը։

[cdxlv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxlvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxlvii] Գրող եւ խմբագիր Կարէն Սիմոնեան։

[cdxlviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdxlix] «Ձեր» դերանունը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։

[cdl] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdli] Բնագիրին մէջ մականուան մէջ գրուած է տառասխալով՝ Siminian:

[cdlii] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdliii] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

[cdliv] Հրաչ Չիլինկիրեան (ծնած է 1962-ին՝ Պէյրութ) – Ընկերաբանական գիտութիւններու դոկտոր, սփիւռքագէտ։ 2002-2012 թուականներուն ղեկավարած է Քեմպրիճի Համալսարանի եւրասիական գիտական հետազօտութիւններու ծրագիրը: 2012 թուականէն մինչեւ 2024-ի ամառը՝ Անգլիոյ Օքսֆորտի Համալսարանի դասախօս, ապա անցած է Լոս Անճելոս իբրեւ Արեւմտեան Ամերիկայի էջմիածնական թեմի առաջնորդարանի ծրագիրներու պատասխանատու։

[cdlv] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։

© 2026 Bebo Simonian. All Rights Reserved.