ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Պէպօ Սիմոնեան գրողը, գրաքննադատը, խմբագիրը, կրթական, կուսակցական եւ հասարակական գործիչը, եւ ի վերջոյ, ՄԱՐԴ-ը իր անունը պատուով արձանագրեց հայութեան 20-րդ դարի երկրորդ կէսի եւ 20-րդ դարի առաջին մէկուկէս տասնամեակի հասարակական, գրական եւ կրթական պատմութեան մէջ։ Այդուհանդերձ, իր մահէն ընդամէնը տասը տարի ետք, ան սկսած է մոռացութեան մատնուիլ՝ կեանքի սրընթաց վերիվարումներուն եւ մեր ազգն ու հայրենիքը հարուածած վերջին աղէտներու թոհուբոհին մէջ։

Այս նամականին պարզապէս ջանք մըն է մոռացութեան վտանգէն փրկելու Պէպօ Սիմոնեանը, անոր վաստակն ու ժառանգութիւնը, արժանին մատուցելու արժանաւորին։

Պէպօ Սիմոնեանի նամակագրութիւնը կ’ընդգրկէ կէս դարէ աւելի ժամանակաշրջան մը՝ 1950-ականներու վերջէն մինչեւ 2010-ականներու սկիզբը։ Անոր առաքած եւ իր արխիւին մէջ կրկնօրինակները կամ պատճենները պահպանուած նամակներուն քանակը անհամեմատ կը զիջի ստացած նամակներուն։ Եւ այդ ունի իր շատ տրամաբանական բացատրութիւնը․ գերզբաղ ըլլալով կրթական, գրական, խմբագրական, կուսակցական, ընտանեկան եւ այլ պարտաւորութիւններով ու հոգերով, յաճախ ան նոյնիսկ չէ մտածած իր առաքած նամակներուն օրինակները պահելու մասին։ Կասկած չունինք, որ անոր հեղինակած միայն կուսակցական գրութիւնները եթէ հաւաքուին՝ հատորներ կը կազմեն։ Ցաւօք, հնարաւորութիւն չունեցանք օգտուելու Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի արխիւի նիւթերէն (աւելի լաւ է չընդարձակուինք պատճառներուն մասին, որոնք բնաւ չեն խօսիր կուսակցական կարգապահութեան օգտին)։

Մեզի հասանելի եղան Պէպօ Սիմոնեանի՝ ընդամէնը 67 անհատներու եւ 11 կառոյցներու առաքած նամակներ, մինչդեռ կասկած չունինք, որ անոնց բազմապատիկը իրենց օրին ղրկուած է հասցէատէրերուն։

Ստացուած նամակները կը պարզեն հետեւալ պատկերը․ անհատներէ՝ 107 հոգի, զանազան իրաւաբանական անձերէ՝ (պարբերական մամուլ, կրթական եւ գիտական կառոյցներ, կազմակերպութիւններ եւ այլ կառոյցներ, գրադարաններ)՝ 246 անուն։

Սակայն եթէ նկատի ունենանք անհատներու, կառոյցներու ու անոնց ենթակառոյցներուն առաքած եւ անոնցմէ ստացուած յաճախ մէկէ շատ աւելի նամակները, տոմսերը եւ զանազան գրութիւնները, թիւը կը մօտենայ 600-ի, զոր նոյնպէս շատ քիչ կը գտնենք կէս դարէ աւելի ժամանակաշրջան ընդգրկող նամակագրութեան համար, ամիսը մօտաւորապէս մէկ առաքուած կամ ստացուած նամակ։ Կը կրկնենք՝ իսկական թիւը ասոր բազմապատիկն է վստահաբար։ Կը մնայ որ համապատասխան կառոյցներ մտահոգուին անոնց ճակատագրով եւ լոյսին բերեն զանոնք՝ ի շահ մեր պատմութեան, գրականութեան եւ նոյնինքն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան։

Նամականին կազմելու ատեն բախեցանք ահաւոր դժուարութիւններու։ Մեր գործը շատ դժուարացուց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի պարբերական մամուլի, մասնաւորաբար սփիւռքահայ թերթերու հաւաքածոներու պարզած կիսատ-պռատ, կրնանք անվարան ըսել՝ խայտառակ վիճակը։ Մեղաւոր չփնտռենք միայն գրադարանի աշխատակազմին մէջ։ Բոլորս մեղաւոր ենք հաւասարապէս՝ մեր անփութութեամբ, անպատասխանատուութեամբ եւ այլ բացասական որակներով։ Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու – եւ ոչ միայն անոնց – հաւաքածոներէն կը բացակային ամբողջ տարիներ, նոյնիսկ տասնամեակներ, իսկ եղածներուն մէջ յաճախ կան զգալի բացեր։ Աւելին․ Ազգային Գրադարանի շտեմարաններու ոչ բոլոր թերթերը թուայնացուած են։ Այս պատճառներով չկրցանք որոշ պարագաներու հեղինակել անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններ, թէեւ այդ ուղղութեամբ կատարեցինք տքնաջան պրպտումներ, յաճախ տարեթիւ մը գտնելու համար վատնելով ժամե՜ր․․․։ Արհեստական բանականութեան արհեստագիտութեան սրընթաց արշաւի մեր ժամանակներուն, այս վիճակը կարելի է բնորոշել իբրեւ քարէդարեան վիճակ․․․ Վերջին տարիներուն մեր ազգը պատուհասած աղէտներէն ետք ազգային այս փնթիութիւնը շարունակելը մեծագոյն ոճիր է հայագիտութեան, ինչպէս եւ նախկին ու գալիք սերունդներուն նկատմամբ։

Շուրջ յիսուն անձերու ինքնութիւնը պարզելու համար դիմեցինք հաւանաբար քսանեակ մը անհատներու օժանդակութեան։ Անոնց մէջ յատկապէս պիտի առանձնացնեմ Պէպօ Սիմոնեանի այրին՝ տիկին Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանը եւ երեւանեան հանրակացարանի հարեւանս՝ 2024-ի աշունէն Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի «Արարատ» թերթի (ներկայիս երկօրեայ) խմբագիր Նազօ Ճերեճեանը, որոնք հնարաւոր արագութեամբ զիս օժտեցին անհրաժեշտ տեղեկութիւններով։ Յատուկ շնորհակալութիւն իրենց։

Առաքուած եւ ստացուած նամակներուն բաժանումը կատարած ենք նախ ըստ անհատներու, ապա՝ կառոյցներու։ Նամակներու դասաւորման վերաբերեալ ընթերցողը աւելի մանրամասն կրնայ ծանօթանալ բովանդակութեան ցանկին վրայ աչք նետելով։ Անհատներու պարագային առաջնորդուած ենք անոնց մականուններու այբբենական յաջորդականութեամբ, իսկ իւրաքանչիւր միաւորի նամակներուն պարագային (անհատ թէ կառոյց)՝ ըստ ժամանակագրութեան։ Եթէ անհատը յայտնի է իր գրչանունով կամ ծածկանունով, առաջնորդուած ենք այդ անուններու առաջին բաղադրիչի այբբենական յաջորդականութեամբ։ Իսկ եթէ անձը յայտնի է իր գրչանունով, բայց ստորագրած է իր իսկական անուն-մականունով (օրինակ՝ Արթօ Ճիւմպիւշեանը, որ աւելի ծանօթ է Զարեհ Խրախունի գրչանունով), առաջնորդուած ենք իսկական մականուան այբբենական յաջորդականութեամբ։

Ենթակառոյցներուն մէջ ընդգրկած ենք տուեալ կառոյցին պատկանող բոլոր մարմինները՝ բացառութեամբ անոնց պարբերական մամուլին եւ գրադարաններուն, որոնք առանձնացուցած ենք եւ ընդգրկած մամուլէն եւ գրադարաններէն ստացուած նամակներու բաժիններուն մէջ։

Փորձած ենք հնարաւորինս պահպանել նամակներուն լեզուական առանձնայատկութիւնները։ Սակայն, կատարած ենք անհրաժեշտ ուղղումներ եւ յաւելումներ՝ կէտադրական նշաններու յաւելում կամ ջնջում, հոլովներու ուղղում՝ եթէ այդ հնարաւոր դարձած է յաւելում կատարելով եւ այլն։ Կոպիտ սխալներու եւ շարահիւսական անհարթութիւններու պարագային՝ ծանօթագրութեամբ յայտնած ենք այդ մասին եւ տուած հայերէն ճիշդ ձեւերը։ Մեր բոլոր յաւելումները կատարած ենք ուղղահայեաց փակագիծերով։ Աբեղեանական ուղղագրութեամբ գրուածները վերածած ենք դասական ուղղագրութեան։ Իրանահայ բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ Դեւի նամակներուն պարագային, պահպանած ենք դասական ուղղագրութեան իրանահայոց տարբերակով գրելաձեւը։

Հատորներու վերջաւորութեան բերուած են յիշատակուած բոլոր անձնանուններուն, տեղանուններուն եւ կառոյցներուն ցանկերը։ Տիկիններու պարագային, առաջնորդուած ենք անոնց օրիորդական մականունով՝ եթէ հասու եղած ենք անոր, այլապէս անոնք բերուած են ամուսնական մականունով։

Կ’ուզենք նշել հետեւեալները․

– Տիկին Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեան մեզի տրամադրած էր նամակներուն լուսապատճէնները։ Շատ քիչ պարագաներու, թոյլ թանաքի կամ նամակի վերջին տողերը պատճէնուած չըլլալու պատճառով, բառեր բաց թողուած են։ Կարգ մը նամակագիրներու (Գէորգ Էմին, Լեւոն Վարդան եւ այլք) ձեռագիրի որոշ բառեր անհնար եղաւ վերծանել։ Այդպիսի պարագաներու, դրած ենք բազմակէտեր եւ բացթողման մասին տեղեկացուցած ծանօթագրութեամբ։

– Ոչ քիչ պարագաներու, Պէպօ Սիմոնեան եւ ուրիշներ ընդգծած են իրենց գրած նամակին թուականը կամ անոր մէկ մասը, երբեմն՝ նամակն ստացողի բնակավայրին անունը։ Նոյնութեամբ պահպանած ենք այդ իւրայատկութիւնը։ Նոյնպէս՝ կը պատահին ընդգծուած, հաստ կամ շեղ գրուած բառեր, որոնք եւս ներկայացուցած ենք նոյնութեամբ։

– Բոլոր տեղերուն մէջ չակերտներու մէջ առած ենք Սահակեան բառը՝ եթէ ան կը վերաբերի այդ անունով յայտնի դպրոցին միայն։

– Պէպօ Սիմոնեան գործածած է թէ՛ «լիբանահայ» եւ թէ՛ «լիբանանահայ» բառերը։ Պահպանած ենք երկձեւութիւնը։

– Զուտ թեքնիք պատճառներով, զանց ըրած ենք ներկայացնել կառոյցներու արաբերէն վերտառութիւնները։ Արաբերէնի համար բացառութիւն ըրած ենք հրաւիրագիրի մը համար միայն։ Իրարու յաջորդող նամակներուն վերտառութիւնները զանց առած ենք եթէ նոյնութեամբ կրկնուած են։ Իսկ եթէ եղած են փոփոխութիւններ, ամէն փոփոխութեան պարագային, բերած ենք նոր վերտառութիւնը։

– Կատարած ենք յատուկ անուններու միօրինականացումներ․ օրինակ՝ Անժէլ-ը բոլոր տեղերը միօրինականացուցած ենք յօգուտ Անժել-ի։ Սակայն որոշ պարագաներու ստիպուած եղած ենք պահպանել երկձեւութիւնը (օրինակ՝ Մոնրէալ, Մոնթրէալ)՝ ցանկերուն մէջ համապատասխան յղումներ տալով մէկը միւսին։

– Ընդգրկած ենք տարբեր անձերէ տիկ․ Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանին ղրկուած քանի մը նամակներ, որոնց բովանդակութիւնը հասցէագրուած է իր ամուսինին։

– Նամականիին հիմքը կը կազմեն Պէպօ Սիմոնեանի անձնական արխիւին նամակները, որոնք մեզի յանձնուեցան ոչ ամբողջովին դասաւորուած։ Անոնց դասաւորումը մեզմէ խլեց ահագին ժամանակ։ Նամականիին մէջ ընդգրկեցինք Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին մէջ պահուող՝ գրողներու արխիւներուն մէջ մեր յայտնաբերած Պէպօ Սիմոնեանի նամակները (Մառի Աթմաճեանին ուղղուած 1 նամակ եւ 1 բացիկ, Բիւզանդ Թոփալեանին՝ 3 նամակ, Դեւին՝ 2-ական նամակ եւ բացիկ,)։ Ստեփան Կուրտիկեանի ֆոնտին մէջ յայտնաբերեցինք Պէպօ Սիմոնեանի ինքնակենսագրութիւնը՝ գրուած, շատ հաւանաբար, Կուրտիկեանի խմբագրած «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրին համար։ Հայաստանի Ազգային Արխիւէն ընդգրկեցինք կուսակցական երկու փաստաթուղթ, որոնք 2016-ին արդէն հրատարակած էինք։ Յարմար գտանք նամականիին ներառել հատուած մը Պէպօ Սիմոնեանի մէկ նամակէն, լոյս տեսած «Սովետական Հայաստան» ամսագիրին մէջ։

Միայն Աստուծոյ եւ ինծի յայտնի են այն բոլոր խոչ ու խութերը, որոնք ցցուեցան նուաստիս առջեւ՝ այս նամականին հրատարակութեան պատրաստելու ընթացքին։ Փորձեցի տալ լաւագոյնը, թէեւ մարդկային բնութեամբս իսկ կը գիտակցիմ, որ հեռու եմ կատարեալ աշխատութիւն մը ընթերցողին մատուցելու յաւակնութենէն։ Շատ պիտի ուզէի, որ հաւանական քննադատներս իրենք եւս նախաձեռնէին լրացումը այս նամականիին, ինչո՞ւ չէ կազմումը Պէպօ Սիմոնեանի կենսամատենագիտութեան։ Պատրաստ եմ այդպիսի խիզախողներուն տրամադրել ամէն օժանդակութիւն։

Վերջաւորութեան խոստովանիմ, որ ինծի համար յայտնաբերեցի Պէպօ Սիմոնեանի ներաշխարհին մէկ կարեւոր մասը եւ հիացայ այդ անձնաւորութեան համեստութեամբ ու համբերութեամբ, իրմէ ետք բարի յիշատակ ձգելու ակնյայտ ձգտումով։ Չեմ գիտեր եթէ դպրեվանքեան կրթութիւնը իր էական դերն ունեցած է Պէպօ Սիմոնեանի այդ առաքինութեանց ձեռքբերման մէջ, սակայն փաստը կը մնայ փաստ՝ Պէպօ Սիմոնեանը եղաւ յիշարժան գործիչ եւ այսպիսին կը մնայ ու պիտի մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ։

Այս նամականին այդ յիշողութեան կառուցման մէջ աւելցուած համեստ քար մըն է, կամ պատ մը։ Որոշողը ընթերցողներն են։

Եւ թող զիս ու բոլորիս դատեն Տէրն Աստուած եւ ահեղ դատաւոր Ժամանակը։

 

ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (Եազըճեան)

Երեւան, 5 Փետրուար 2025

© 2026 Bebo Simonian. All Rights Reserved.