«Փնտռելով իւրաքանչիւրին մօտ նո՜յն ժողովուրդի զաւակներուն յատուկ հասարակաց գծեր,
ներշնչումներ ու մտահոգութիւններ, ճամբայ հարթել, որոնել եւ կերպարանք տալ,
ժամանակի ընթացքին, ընդհանուր հանզանակի մը,
որ ազատութիւն տալով հանդերձ իւրաքանչիւրին անհատականութեան,
համապատասխանէ հայ մշակոյթի պահանջներուն»։
[«Մենք» 1931, 20 Ապրիլ]
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն եւ 1915–ի Հայկական Մեծ Եղեռնէն ետք կոտորուած եւ կոտորակուած հայութեան բեկորները սփռուեցան աշխարհով մէկ եւ դարձան Սփիւռք։ Արեւմտահայը դարձաւ ակամայ՝ Սփիւռքահայ։
Ժողովուրդին հետ ժողովուրդին վերապահուած ազգային ողբերգութեան ճակատագիրը ապրեցաւ նաեւ արեւմտահայ մտաւորականութիւնը՝ ճղակոտոր եւ եղերական իր անճիտումով, Հայասպան թշնամիին Հայ Մտքին տուած մահացու հարուածին որպէս հետեւանք։
Ծնունդ առած Հայկական Սփիւռքին մտաւոր եւ մշակութային կեդրոնը հանդիսացաւ Հայկական Փարիզը, որ համախումբ հայութեամբ եւ մտաւորական ուժերու եւ գրագէտներու մէկտեղումով իմացական եւ գրական շարժում առաջացուց եւ նշանակալից նպաստ մը բերաւ Սփիւռքահայ Գրականութեան զարգացման։ Իմացական եւ փիլիսոփայական ճառագայթումներէն լոյսի քաղաքին նպաստաւորուեցաւ Հայ Միտքը։ Եւրոպական մտքին եւ ճաշակին հաղորդ արեւմտահայ մտածողութիւնը՝ Փարիզահայ մտաւորականութեան ուղղակի հաղորդակցութեամբ մօտէն շփում Հաստատեց արեւմտեան մշակոյթի ամենէն եռուն, յառաջապահ, հակադիր Հոսանքներով յատկանշուող մէկ կեդրոնին հետ։ Այդ հանգամանքով ալ Փարիզահայ մտաւորականութիւնը իրագործեց, որեւէ ուրիշ հայկական գաղութէ առաջ եւ որեւէ ուրիշ հայկական գաղութէ աւելի՛, Հայ մտքի հանդիպումը եւրոպական մշակոյթի հետ։ Հայկական ինքնութեան, հոգեխառնութեան եւ մտածողութեան հաւատարիմ մնալով հանդերձ՝ Փարիզահայ մտաւորականութիւնը բացուեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ եւ պատերազմէն ետք Փարիզի մտաւորական, փիլիսոփայական եւ արուեստի աշխարհներէն ներս յայտնուած եւ զարգացած գոյութենապաշտութեան եւ գերիրապաշտութեան, ինչպէս նաեւ ա՛յլ խայտաբղէտ հոսանքներուն եւ դպրոցներուն։ Առի՛ն անոնցմէ այն նորը, արդիականը, յառաջապահը, որ յատուկ էր այդ օրերու Փարիզին եւ հայ գրականութեան աւանդական ակօսներով ընթացող հունին մէջ տեղաշարժ առաջացուցին։ Առնուած նորը հայ կեանքի մշակութային առօրեային ձուլեցին։ Հայկական աւանդապահ մտածողութիւնը վերապահութեամբ ընկալեց Փարիզի յառաջապահ այս շարժումը։ Տարօրինակ գտաւ։ Իր զարմանքը չվերապահեց։ Հռչակեց անհեթեթ։ Քննադատական վերաբերում ճշդեց։ Հակազդե՛ց։ Բայց ի՛նչ որ անուրանալի կերպով վաւերական էր եւ հայ ըստեղծագործ հոգիին եւ մտքին բերուած նպաստ՝ Եղեռնով անճիտուած մտաւորականութեան տեղ ծնունդ առած եւ կազմաւորուած նոր մտաւորականութեան գոյութեան հրաշքին հետ՝ անոնց համագործակցութեամբ որդեգրած համահայկական կեցուածքն էր: Մենքի հաւաքական մտածողութիւնը: Փարիզի «Մենք» գրականութեան նուիրուած ամսագիրը մէկ տարուան վրայ տարածուած իր հրատարակութեամբ 1931–1932, Փարիզահայ մտաւորականներու միջեւ առաջացուցած համագործակցութեամբ եւ որդեգրած համահայկական ուղեգիծով իրագործած է վաստակ մը: Վաստակ մը, որ գեղարուեստական գրականութեան մնայուն էջերով, եւրոպական ժամանակակից գրականութեան նըւիրուած անդրադարձներով, իմացական եւ արուեստագիտական հարցեր շօշափող վերլուծումներով, գիրքերու աշխարհը մեկնող գրադատութիւններով, արտայայտուած ազատ կարծիքներու եւ գաղափարներու Հանդէս ըլլալու հանգամանքով՝ նշանակալից տեղ մը կը գրաւէ Հայկական Սփիւռքի գրական մամուլի պատմութեան մէջ։ Որակ մը նուաճած մշակութային լուրջ մակարդակով։ Ընդգծելի երեւոյթ կը մնայ «Մենք»-ի շուրջ համախմբուած գրողներու եւ մտաւորականներու երիտասարդներ ըլլալու հանգա մանքը, որ յատկանշուած է նաեւ երիտասարդական կեցուածքներով, դասական արժէքներու հանդէպ ուրացումներով եւ Հինին նկատմամբ դժգոհութիւններով։ «Մենք»-ի առաջին համարի «մանիֆեսթին» տակ, որուն մէջ արտայայտուած են իրենց տեսակէտները եւ գրական հանգանակը, ստորադրած են հետեւեալ գրողներն ու մտաւորականները: Նշան Պէշիկթաշլեան, Ղեւոնդ Մելոյեան, Հրաչ Սարգիսեան, Ռաֆայէլ Զարդարեան, Յարութիւն Ֆրէնկեան, Ոստանիկ, Գ. Գեղարքունի Նիկողոս Սարաֆեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Փայլակ Միքայէլեան, Արշամ Տատրեան, Զ. Մ. Որբունի, Շահան Շահնուր, Վազգէն Շուշանեան, Շաւարշ Նարդունի։ «Մենք»-ին մանիֆեսթը հայ գրականութեան եւ մշակոյթին ծառայելու համար, կ’առաջադրէ սերտ գործակցութեան եւ համերաշ– խութեան գետին մը ստեղծել Հայ գրողներու միջեւ։ «Մենք»-ին մասնակից իւրաքանչիւր գրող ու մտաւորական «Մենք»-ի հաւաքական եւ ընդհանրական մտածողութեան հետ նոյնանալով հանդերձ՝ պիտի պահէր ըստ մանիֆեսթին, «իր անհատականութեան ազատ ու լրիւ զարգացումը»: Կեցուածք մը, որ կը յատկանշուի իր լայնախոհու թեամբ եւ մտաւորական անկախութեամբ՝ մեկնակէտ ունենալով «Հայ նորագոյն գրականութեան ազատ զարգացումն ու ծաղկումը»: Մանիֆեսթը Մենքին կը վերապահէ նաեւ շաղախի դեր մը կատարել ընդհանրապէս Հայկական Սփիւռքի գրողներուն միջեւ։ Մանիֆեսթէն կ’արժէ ընդհանրացնել այն գաղափարները, որոնք այսօրուան հայ մշակոյթի ծաղկումին համար եւս կը պահեն ի րենց թելադրականութիւնը եւ այժմէականութիւնը: «Փնտռելով իւրաքանչիւրին մօտ նո՛յն ժողովրդի զաւակներուն յատուկ հասարակաց գծեր, ներշնչումներ ու մտահոգութիւններ՝ ճամբայ հարթել» Գաղափարները եւ անոնց ազգային–քաղաքական մակարդակի վրայ ունեցած տարբերութիւնները ո՛չ միայն Հեռացուցեր են այլ նոյնիսկ օտարացուցած են նո՛յն ժողովուրդի պատկանող գրողներն մտաւորականները։ Երևւոյթին ախտաճանաչումը՝ հասունութեան պակասով կը բացատրուի: Մտքի եւ Հորիզոնի սահմանափակու թեամբ։ «Մենք»-ի գրագէտ տղաքը, Փարիզ նստած կը փորձեն աղատադրել հայ միտքը իր կապանքներէն եւ հասարակաց մտահոգութիւններ եւ ներշնչումներ փնտռել իրարու մօտ եւ իրարու մէջ։ Ու այդ ուղեծիրով «ճամբայ հարթել»։ Հասարակաց ներշնչումը կը բխի նոյն անցեալը, նոյն ճակատագիրը, նոյն մշակոյթը ունենալու համահայկական գիտակցութենէն…։ Հայ մշակոյթի անդաստանը նոր ակօսներով թարմացնելու հաւաքական եւ հասարակաց մտահոգութենէն…։ Բայց ճամբայ հարթողները միշտ ալ քարկոծուած են. Վօլթեր հետեւեալ ձեւով բանաձեւած է վիճակէն թելադրուող գաղափարը. «մեր թշուառական մարդկային արարածը այնպէս շինուած է, որ սովորական ճամբէն քալողները միշտ ալ քարեր կը նետեն անոնց՝ որոնք նոր ճամբայ մը ցոյց կու տան»: Մանիֆեսթին երկրորդ հիմնական եւ կեդրոնական գաղափարը կը հանդիսանայ հետեւեալը: «Որոնել եւ կերպարանք տալ, ժամանակի ընթացքին, ընդհանուր հանգանակի մը, որ ազատութիւն տալով հանդերձ իւրաքանչիւրին անհատականութեան՝ համապատասխանէ հայ մշակոյթի պահանջներուն»։ Փարիզի շփոթեցնող, շլացնող եւ շփոթահար պահող միջավայ րին մէջ, ուր գեղագիտական եւ գրական հակադիր հոսանքները կը խճողեն մշակութային այլապէ՛ս կենսախայտ ու կենսայորդ հրապարակը՝ «Մենք»-ի շուրջ համախմբուած մտաւորականութիւնը իրեն մեկնակէտ կը դարձնէ արուեստի եւ գրականութեան ազգային սպահանջքները։ Պատուաստելով Հանդերձ հայ միտքը օտար մշակոյթներու նպաստով, որոնումի ճամբով կ’ուզեն հասնիլ հասարակաց հանդանակի մը, որ համապատասխան ըլլայ հայ մշակոյթի ձգտումներ րուն։ Առողջ ձգտում է նաեւ անհատականութիւններու ազատ զարգացման արտայայտութիւնը, որ իւրաքանչիւր ստեղծագործ արուեստագէտի եւ մտաւորականի Հոգեկան պահանջքը կը կազմէ։ Մանիֆեսթով բանաձեւուած «Մենք»-ի հասկացողութիւնը իր արտայայտութիւնը գտած է «Մենք»-ի էջերուն, տարբեր մտաւորականներու եւ գրողներու կողմէ յայտնուած տեսակէտներով։ Տեսական–քննադատական գրութիւններով հանդէս եկող 8. Ֆրէնկեան «Մենք»-ի առաջին համարին մէջ «Վէպի մը հերոսին» խորագրուած արձակով, որ Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպին գլխաւոր հերոսներէն Պետրոսին ուղղուած խորհրդածութիւններ կը բանաձեւէ, կ’արտայայտէ նաեւ Մենքեան մտածողութիւնը՝ հակառակ խմբագրական ծանօթութեամբ կատարուած նշումին, ըստ որուն արտայայտուած մտքերուն պատասխանատուութիւնը կը վերապահէ միա՛յն զայն ստորագրողին։ Խմբագրութեան կողմէ կատարուած մատնանշումին տուն տուող պատճառը Յ․ Ֆրէնկեանի մտքերուն համարձակ եւ յախուռն արտայայտութիւններն են՝ Արեւելքը մոռնալով Արեւմուտքին բացուելու առաջադրութեամբ։ Ըստ Յ. Ֆրէնկեանին, որ Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնն ու մտածողութիւնը Արեւելքին կը հակադրէ, արեւելքէն արեւմուտք Հաստատուած հայ մարդը ընդհանրապէս եւ հայ մտաւորական տղաքր (երիտասարդութիւն) մասնաւորաբար պէտք է օր առաջ թօթափեն իրենց վրայէն արեւելքցիին յատուկ եղող զգացականութիւնը եւ ձերբազատուին դարերով կուտակուած «տառապանքէն, ազգային ցաւէն, յոռետեսութենէն, ախ ու վախէն», ամբողջութեամբ արեւմուտքցի ըլլալով անոր լոյսին բացուին եւ իբր զարգացման անհրաժեշտ տարր զայն ընդունին իրենց մէջ: «Ժողվեցէ՛ք ինչ որ ձեր ճամբուն վրայ կը գտնէք որպէս մտքի ծաղիկներ — Արուեստը։ Զարգացէք, զարգացէք, անով է որ պիտի յաղթէք կեանքին, պիտի յաղթէք մարդոց եւ մանաւանդ այն ճակատագրին որուն կը հաւատաք: Անով է որ պիտի յաղթէք մանաւանդ ձեր անձին: Արեւմուտքցի եղէ՛ք, արեւմուտքը սիրեցէ՛ք ու անոր լոյսովը ողողեցէք ձեր աչքերը»: Տեղ–տեղ հակասական մտքերու զարգացումով, Արեւմուտքը Արեւելքին հակադրող մտածողութեամբ՝ Ֆրէնկեան կը յանգի «Մենք»-ի հաւաքական եւ ընդհանրական բանաձեւումին. «բոլորս պիտի պոռանք օր մը այդ միավանկը Մենք: Բայց որպէս զի այդ հաւաքական կանչը կարելի ըլլայ՝ անհրաժեշտ է որ մեր տակաւին երիտասարդ հոգիները առանց երբեք blasé ըլլալու պահեն ինչ որ կայ իրենց մէջ ազնուական, վեհ ու մաքուր «փաշա մանչերու» արժանի»: Արեւելքէն առնուածը արեւմուտքի լոյսով շաղախուած տալու առաջադրութիւնը պէտք չէր որ Յ․ Ֆրէնկեանը առաջնորդէր արեւելքի ուրացման, ա՛յդ աստիճան։ Փարիզի մտաւորական–գրագէտներէն Շաւարշ Նարդունի, որ «Մենք»-ի հրատարակութեան օրերուն ոչ միայն տարիքով երիտասարդ էր, այլ եւ մտածողութեամբ, իր երիտասարդական յեղափոխական կեցուածքը կ’արտայայտէ զրական հասկացողութիւններու շուրջ, յատկապէս Հին աւանդութիւններէ հրաժարելու, արուեստի նոր ու արդիական կերպեր որոնելու ուղղութեամբ։ «Մենք»-ի մանիֆեսթով արտայայտուած մտածողութիւնը ընդՀանրացնելու կը ծառայեն իր «— Մենք.․․ — Մենք.․․ — Մենք.․․ » խորագրուած տեսական խորհրդածութիւնները, որոնք յետ–պատերազմեան գրական սերունդին հաւատոյ հանգանակը կը ձեւակերպեն այն սկզբունքով, ըստ որուն «գոյութիւն ունին հիմա նախապատե րազմեան մարդն ու յետ պատերազմեան մարդը»։ Շաւարշ Նարդունիի հայեցողութեամբ յետպատերազմեան մարդու եւ գրագէտի հոգեբանութիւնն ու զգայնութիւնը կը տարբերին նախապատերազմեան մարդու եւ գրագէտի հոգեխառնութենէն եւ զգալակերպէն: Ահա թէ ինչու ան կ’առաջադրէ յետպատերազմեան սերունդին համար նո՛ր դիմագիծով գրականութիւն ստեղծելու հրամայականը՝ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին։ Թէ ի՞նչ պէտք է ըլլան դիմագիծին կերպարանք տուող գոյներու արտայայտութիւնները։ Շաւարշ Նարդունի անոր կու տայ հետեւեալ պատկերացումը. «ի՞նչ է մեր նպատակը, — գծել յետ–պատերազմեան սերունդի մը պատկերը, պատրաստել գրական յեղափոխութեան մը նախատարերքը, փոխել հոգին, աւանդութիւնները, ձեւերը, որ կը տիրապետէին մեր գրական աշխարհին մէջ։ Մանաւանդ բոլորովին ջնջել գրական սերունդներու փոխանցման սովորութիւնները»: Հինի ու նորի միջեւ խրամատը կը խորացնեն Շաւարշ Նարդունիի տեսական մտածումները, որոնք հինին հակադրութեամբ կը փորձեն ճիշդ orientation տալ գրական նոր կամ երիտասարդ սերունդի մտաւորականութեան։ Բոլոր ազգերու գրականութեան բացուելու քաղաքականութիւն կ’առաջադրէ, «տիեզերքի ձայներուն» հաղորդ մնալու սկզբունքով։ Արուեստն ու գրականութիւնը Հայրենիքը փոխարինող ազդակ դառնալու են՝ մինչեւ հայութեան իր սեփական հողին վրայ հաստատուելու պատմական օրը. «մենք, հողէ զրկուած ե րիտասարդներ, կ’ուզենք արուեստի հողին վրայ բարձրացնել մեր ժողովուրդը, որպէս զի դիմանայ մինչեւ որ իսկական հողը գտնէ՝ բնակարան կանգնելու համար»։ «Մենք»-ի սերունդէն բանաստեղծ եւ արձակագիր Նիկողոս Սարաֆեան, որ սերունդի յառաջապահներէն է նաեւ իբր ստեղծագործող, իր սերնդակիցներու մտածողութեան հետ քայլ պահելով հանդերձ, իր մենքեան հայեցողութեան կու տայ ինքնադրոշմ իւրայատկութիւն, որ կը յատկանշուի յախուռն ըմբռնողութեամբ։ Նիկողոս Սարաֆեան եւս կ’ընդհանրացնէ՝ անկախ գաղափարական պատկանելիութենէ, Սփիւռքի մէջ գրականութեան ապակուսակցականութիւնը եւ զայն «մեծերու կեղծ, ձրի եւ ունայնամիտ հովանաւորութենէն» ազատագրելու գաղափարը։ Կը քննադատէ անխնայօրէն հիներու եւրոպական մշակոյթի կապկումը, որ սեփական մշակոյթին անգիտութենէն կ’առաջանայ։ 20–րդ՝ «Նախորդներէն տասն անգամ աւելի արագ վազող հըսկայ դարու» սերունդը որպէս՝ Նիկողոս Սարաֆեան կը զարգացնէ այն միտքը թէ Դարը կը պահանջէ իր յառաջդիմութեան համապատասխան գրական զարգացում, որովհետեւ ըստ իրեն. «Աւելի դիւրին էր երբեմնի պոհեմ–ի անօթի գրականութիւնը, քան հիմակուանը, որ մեզմէ կը պահանջէ շատ աւելի գրական ըլլալ եւ օրօրներ ու ճառեր գրելէ աւելի՝ մտածել, որ գրականութիւնով միայն չեն փրկուիր ո՛չ իր հոգին եւ ոչ ալ իր ազգը»։ Արեւմտահայ գրականութիւնը՝ Սփիւռքեան հոգեխառնութեամբ, արեւմտա–եւրոպական մտածողութեամբ եւ արագ զարգացող դարու կշռոյթով վերանորոգելու եւ կենսաւորելու առողջ ձգտումն ու առաջադրանքը ունենալով հանդերձ «Մենք»-ի մանիֆեսթն ու անոր տեսաբաններուն կողմէ կատարուած ընդհանրացումները, տեղ–տեղ անոնք յանգած են ծայրայեղութեան, ինչ որ չէ արդարացած «Մենք»-ի մէջ տեղ գրաւած ստեղծագործական էջերով։
«Մենք»-ի քննադատական եւ գեղագիտական մտածողութիւնը, — հայկական եւ եւրոպական իմացական շարժումներու, գիրքերու, գեղարուեստական ձեռնարկներու, պարբերականներու եւ դէմքերու մասին անդրադարձումներով, — բացայայտուած է ընդհանրապէս պարբերագիրքի վերջաւորութեան՝ «Գրականութեան եւ Արուեստի Լրատու» բաժինով թէ պարբերագիրքի էջերուն տպուած տեսական յօդուածներով։ Զոյգ բաժիններու տեսական յօդուածներով, արուեստի քրոնիկներով եւ քննադատական ակնարկներով ալ, «Մենք»-ի հաւաքական առաջադրութիւնը եղած է. համահայկական կեցուածք. եւրոպական մշակոյթին հաղորդ ընդգրկում · քննադատական վերաբերում երէցներու հանդէպ։ «Մենք»-ի տեսական գրիչներէն Հրաչ Սարգիսեան «Հապճեպ Ակնարկ մը Ֆրանսական Արդի Գրականութեան Վրայ» յօդուածով, առանց խորանալու ֆրանսական գրականութեան ժամանակակից հnսանքներու իմացումներուն մէջ՝ իրապէս արագ ակնարկով մը տպաւորութիւններ կ’արտայայտէ՝ փորձելով պատկերացումը տալ Ֆրանսայի գրական կեանքին։ Ըստ յօդուածագիրի կարծիքին, Ֆրանսայի 1930–ական թուականներու գրական կեանքը դպրոցներէ աւելի գրողներու անհատապաշտութեամբ կ’առաջնորդուի։ Հակառակ «շատ հոսանքներ» ըլլալուն, անոնք իրենց ուղղութեամբ չեն ներգործեր։ Միայն գերիրապաշտութիւնն է, որ զգայացունց իր «մանիֆեսթ»ով ուշադրութիւն գրաւած է։ Գրողներու անհատական ազդեցութեան վրայ շեշտը դնելով, ֆրանսական արդի գրականութենէն կ’առանձնացնէ միջազգային առումով հեղինակութիւններ. «Եթէ դպրոցները խորապէս չեն ազդեր, կան անհատներ որոնք կեդրոնական դիրք բռնած՝ կը տիրապետեն շատ մը երիտասարդ մտքերու վրայ։ Ներկայիս չորս հսկայ տաղանդներ — Մարսել Բրուստ, Բօլ Վալերի, Անտրէ Ժիտ եւ Գլոտել առաջնորդողի դեր կը կատարեն»: Ֆրանսական արդի գրականութեան մէջ վիպական ժանրին մասնայատուկ դերը ընդգծելէ ետք՝ շեշտուած անհատականութեան տէր բանաստեղծներու բացակայութիւնը կը հաստատէ ա՛յն իրողութեան լոյսին տակ, որ ֆրանսական ակադեմիան ատենօք իր քառասուն անդամներուն երեք քառորդը բանաստեղծ կը հաշուէր, իսկ այդ օրերուն՝ երկու. Հանրի տը Րընեիէ եւ Բօլ Վալերի։ Ինչքան ալ ակադեմիաները գիտական առումով բարձրագոյն մակարդակի հիմնարկներ են, բայց միակ չափանիչը չեն կազմեր գրական կամ բանաստեղծական բացառիկ անհատականութիւններու գոյութեան։ Որքան մեծ բանաստեղծներ յաճախ դուրս կը մնան ակադեմիաներէն եւ չեն արժանանար գրական միջազգային մրցանակներու (Արակոն, Բօլ Էլիւար եւն.): Ֆրանսական տիրապետող դպրոցին՝ գերիրապաշտութեան մասին իր վճիռը քննադատական հետեւեալ շեշտը ունի, հակառակ որ անոր ազդեցութիւնը ֆրանսահայ գրականութեան վրայ եւս ակնյայտ կը համարուի. «Նոր բանաստեղծները հետզհետէ կ’ուզեն զարմացնել եւ հմայել գիւտի չափազանց ճիգերով»։ Հրաչ Սարգիսեան, որ ֆրանսական արդի գրականութեան շարժումներուն Հետեւող մտաւորական մըն էր, եւ հակառակ իր խոստումին՝ «Ֆրանս. արդի գրականութեան մասին ուրեմն կարելի չէ խօսիլ, զայն հոսանքներու վերածելով, այլ առանձնապէս անհատներ առնելով ու վերլուծելով, ինչ որ յաջորդաբար պիտի տանք «Մենք»-ի մէջ»՝ գրականագիտական ուրիշ յօդուածի մը տակ չենք հանդիպիր իր անունին «Մենք»-ի հետագայ համարներուն մէջ։ «Մենք»-ի գրադատական կարճ, բայց դիպուկ ակնարկներուն մէջ բանաձեւուած կը գտնենք մենքեան սերունդին քննադատական կեցուածքը, յաճախ ուրացումի միտող ծայրայեղութիւններով, որոնք ստորագրուած են Վազգէն Շուշանեանէ, Շաւարշ Նարդունիէ, Նիկողոս Սարաֆեանէ, Յարութիւն Ֆրէնկեանէ եւ Շահան Շահնուրէ։ Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ լոյս տեսած գործերու մասին «Մենք» ըսած է իր խօսքը՝ արուեստի եւ գրականութեան իրեն յատուկ գեղագիտական պրիսմակէն անցնելով գրադատուած գիրքին պարունակութիւնն ու գեղարուեստական արժէքը։ Եւրոպական գրական պարբերականներէ որդեգրուած կերպով, «Մենք»ը յաջողած է քննադատական մտածողութեան տալ որքա՜ն հակիրճ նոյնքան կուռ եւ խիտ կառոյց մը, որ դասական ըմբռնողութեան շատաբանութենէն հրաժարում մըն է։ Միա՛յն ա՛յս նորարարութեամբ չի յատկանշուիր «Մենք»-ի քննադատական մտածողութիւնը, այլ՝ երէցներու հանդէպ բացասականութեամբ: Անո՛վ է նաեւ, որ «Մենք»ը իր շուրջ ստեղծած է աջխուժութիւն, հակազդեցութիւններ եւ համակրալիր վերաբերումի հետ մերժողական արձագանգներ։ Առաջին համարին մէջ «Մենք»-ի յառաջապահներէն Վազգէն Շուշանեանի գրադատականը՝ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի Հարսը» պոեմի մասին, որ գրախօսուող գիրքէն աւելի գրողին վրայ շռնդալից գրոհ մըն է՝ որակումներու անհակակշիռ աստիճանաչափով։ Սերունդի մը՝ Փարիզի մենքեան սերունդի՝ կեցուածքը դրսեւորել յաւակնող Վազգէն Շուշանեանի սոյն աղմկայարոյց գրախօսականը, պարկեշտ դատումէ աւելի իր խառնուածքին յատուկ յախուռն եւ ուրացող պոռթկում է եւ՝ զեղում, որուն հետ դժուար թէ կարելի ըլլայ հաշտեցնել գրական չափանիշներու անեղծութիւնը։ Վազգէն Շուշանեան կը գրէ Կոստան Զարեանի մասին. «Դժուար է այս խորհրդածութիւնները չընել, երբ մարդ կը կարդայ «Տատրագոմի Հարսը» ու այդ բառերու շքեղ կոյտին մէջէն, կը փնտռէ հինաւուրց ու արիւնահեղձ երկիրը որուն ցաւագին երազովը կերակրուեցան ամբողջ սերունդներ։ Ո՞վ է այս մարդը, այո՛, գրասեղանին վրայ հակած դպիրը այս, որ ուրիշին քանի մը էջերուն վրայ՝ քանի մը ժամ որոճալով, տխուր յաւակնութիւնը ունի հայոց երկրին մեռեալ այլ այնքան մերձ անցեալը երգելու։ Մենք կը մերժենք այս մարդուն գրադարանային դիւցազներգութիւնը՝ որ մտքի ընդարձակ գիջութիւն մըն է պարզապէս: Օտար մըն է, որ կեցած մեր ցաւի ընդարձակ տարածութեան դիմաց՝ կ’ապաւինի իր բառերուն գեղեցկութեան, մեզ խաբելու համար։ «Ու այդ բառերը սուտ կը խօսին» Հայ գրականութեան «բառի եւ մտածումի կախարդ»-ին մասին «Մենք»-ի Վազգէն Շուշանեանի գրիչով բանաձեւած դատողութիւնը հերքողն եղած է դատաւորներուն մեծագոյնն ու ամենէն անաչառը՝ ժամանակը։ Կոստան Զարեան կ’ապրի հայ գրականութեան մէջ իր վաստակին թէ տաղանդին մեծութեամբ. : «Մենք»-ի ուրացման երկրորդ թիրախը հանդիսացած է ուրիշ Հեղինակութիւն մը՝ նշանաւոր պատմաբան Նիկողայոս Ադոնց։ «Մենք»-ի խմբագրութեան կողմէ գրի առնուած են հետեւեալ գաղափարները, որոնք պարզապէս կը զարմացնեն Նիկողայոս Ադոնցը մեծ Հայ եւ գիտնական դաւանողները յատկապէ՛ս, «Ծեր դասախօս մը որ հին «Նոր Դարեան» մը եւ պիտակաւոր յետադիմական մըն է ու իր բարեկամներուն համար իսկ «կրքոտ ու փոքրոգի մի մարդ »՝ Նիկողայոս Ադոնց, պատմաբան ու բանասէր ի պաշտօնէ եւ գրականագէտ իր պարապոյ ժամերուն՝ ամիսներէ ի վեր ելած է արշաւի երկու արեւմտահայ մեռած գրողներու՝ Ռուբէն Զարդարեանի եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի դէմ։ Ու կը յայտարարենք յանուն այս ժողովուրդին վիրաւորուած արժանապատուութեան, որ բոլոր հայերը հաւասար են, բացի սրիկաներէն, դաւաճաններէն, ապազգայնացած քաղքենիներէն ու ասոնց ծառայութեան մէջ գտնուող մտաւորականներէն, իրենց դարաւոր գերութեան ու ի խնդիր ազատութեան մղած մարտնչումներուն դէմ»։ Ինչպէս կ’երեւայ՝ «Մենք»ը՝ մե՛ծ պատմաբանին հակադրողը գաղափարներու եւ տեսակէտներու տարբերութենէն աւելի, կիրքն է։ Փոխանակ քննադատական առողջ եւ շինարար ոգիով, — ի՛նչ որ պէտք էր ըլլար «Մենք»-ի շուրջ համախմբուած լուրջ եւ զարգացած մտաւ րականներունը, — վերլուծելով հակադրուելու Ադոնցի տեսակէտներուն, դիմուած է դիւրին միջոցին՝ ուրացող ու նուաստացնող պարսաւանքին։ Ինչպէս «Մենք»-ին, Խորհրդային Հայաստանի համար եւս Նիկողայոս Ադոնցը չհասկցուած մնալէ եւ երկար ժամանակ անտեսուելէ ետք, ընդունուեցաւ եւ ըստ արժանւոյն գնահատուեցաւ իր պատմագիտական երկերուն հրատարակութեամբ եւ հայ պատմագրութեան միջազգային առումով բերուած նպաստին գնահատութեամբ։ Աւանդական մամուլի հանդէպ եւս «Մենք» չէ վերապահած իր դժզոհութիւնները։ «Պարբերականներ» խորագրին տակ քննադատաբար անդրադարձած է «Հայրենիք» ամսագրին, Գահիրէի «Յուսաբեր» եւ Փարիզի «Ապագայ» թերթերուն մասին։ Շաւարշ Նարդունի «Հայրենիք» ամսագրի հարիւր հատորի հրատարակութիւնը ողջունելէ ետք, կ’արծարծէ գրական քաղաքականութեան, գրական ամսագրի համար ընտրութեան զգայարանքի եւ ճաշակի անհրաժեշտութեան հարցերը, որոնք ըստ իր հայեցողութեան կը բացակային «Հայրենիք» ամսագրին բովանդակութիւն տուող ուղղութենէն. «Յիշենք երրորդ պատճառը, ամերիքանիզմը, — էջեր լեցնելու կամ ծաւալ առնելու սէրը նիւթ կը պահանջէ (անհամ ու անլի նորավէպեր, ճընկըլ ոտանաւորներ եւ դրուագներ առանց պատմական պատասխանատուութեան, առանց հակակշիռի)» Վազգէն Շուշանեան՝ «Յուսաբեր»-ի եւ «Ապագայ»-ի մասին կատարած խորհրդածութիւնները միա՛յն իր պատասխանատուութեան վերապահելով (խմբագրութենէն անկախաբար) գնահատութիւնը կը կատարէ մամուլի զոյգ օրկաններուն բովանդակութեան եւ լեզուական մակարդակին։ Առաջինին հանդէպ բացայայտ համակրանքով կը դրուստէ անոր բովանդակութեան աշխուժութիւնը, լայն հետաքըրքրութիւններ գոհացնելու հորիզոնը, կարեւոր հանրային խնդիրներ արծարծելով ընթերցողը բարձրացնելու ճիգը եւ հայոց գաղթական լեզուին հանդէպ ցուցաբերած հոգածութիւնը։ Սակայն, ինչ կը վերաբերէր անոր կուսակցական տոկմաթիզմին, Վ․ Շուշանեան զայն չափազանցուած կը նկատէ . «Պաշտօնաթերթը՝ կուսակցութեան մը, ան ջղուտ, գրեթէ զինուորական կարգապահութեամբ մը կը հետեւի այն բոլոր քաղաքական շարժումներուն որ կ’ակօսեն Արեւելքը։ Սակայն շարժումներու յորձանքին մէջ — ինչպէս չըսել — ան կրկին կը կորսնցնէ իր պաղարիւնութիւնը։ Այսպէս՝ դժուար է յուսալ, որ ան կարենայ առարկայօրէն մօտենալ թրքական ու ռուսական խնդիրներուն, որոնց հանդէպ ի յառաջագունէ ունի կանխամտածուած ու կանխորոշուած կարծիքներ՝ որ կը մնան անփոփոխ, որքան ալ դէպքերը փոխեն իրենց յարաշարժ ընթացքը»: Վազգէն Շուշանեան քննադատական աւելի անխնա՛յ վերաբերում ցոյց տուած է «Ապագայ»-ի հանդէպ։ «Աղքատ՝ գաղափարներով, կրկին աղքատ՝ լեզուով մը, որմէ պիտի ամչնային, այո՛, «Աւետաբեր» խմբագրող Ամերիկացիներն իսկ, երիցս աղքատ քաղաքական ու ընկերային ծանօթութիւններով, անգամ մը եւս աղքատ ու զուրկ խանդավառութենէ — բարի մարդիկ — մարդ կ’ապշի թէ յամի շնորհաց հազար ինն հարիւր երեսուն եւ մէկին կարելի է նման թերթ մը խմբագրել այս քաղաքին մէջ»: Անկախաբար «Մենք»-ի խիստ քննադատական ոճէն, արժէքներու հանդէպ պահած է մտաւորական ողջախոհութիւնը, արժէքին գիտակցութենէն մեկնող ճշմարիտ գնահատութեամբ։ Այս տեսակէտով Նիկողոս Սարաֆեանի ստորագրած գրախօսականը Գեղամ Տէր Կարապետեանի «Տարօնի Աշխարհ» եւ Շաւարշ Նարդունիի գրախօսականը Ակսել Բակունցի «Մթնաձոր»-ի մասին կու տան գաղափար մը մենքեան գեղագիտական հասկացողութեան եւ չափանիշի մասին։ Նիկողոս Սարաֆեան այսպէս կ’եզրակացնէ իր դատումը. «Բայց Տարօնի Աշխարհը պատկառելի է իր կազմով ու հակառակ իր բոլոր անհաւասարութիւններուն եւ հոգեբանական ծանծաղութեան՝ կու տայ լիովին շրջան մը՝ որոշ թուականներով, դիմագծի, հագուստի, գաւառի լեզուի, վանքի, վարուելակերպի, ըմբռնումի աշխարհագրական յստակ ու յատկանշական նկարագրութիւններով։ Ու ատիկա շատ վեր՝ մեր գաւառական գրականութեան շատ շատ էջերէն, որոնց բառերու մոլի փառասիրութիւնը կրթնած է յաճախ պզտիկ, նիհար յիշատակի մը վրայ»։ Շաւարշ Նարդունիի վերլուծումը ինքնուրոյն մեկնակէտով ֆրանսական գրականութեան այդ օրերու հոգեբանական լուսարձակին տակ կ’առնէ Ակսել Բակունցի «Մթնաձոր»ը ընդհանրացնելով գրական Հետեւեալ հետաքրքիր մտածողութիւնը․ «Բակունց վարպետ արուեստագէտն է համը գրականութեան, չափազանց ինքնատիպ, նոյնիսկ անկախ ֆրանսական «Լռութեան Դպրոց»էն: Եթէ ֆրանսական դպրոցը կ’աշակերտի համը Սինեմային, ինչպէս նաեւ հոգերանական այն փորձերուն, որ կ’աշխատին պեղել մարդուն ենթագիտակցական աշխարհը, Բակունցի համրութիւնը, ազդուած ըլլալով հանդերձ իր հողային ու կենդանական աշխարհէն, խորերէն եկած վարժութիւն մըն է արեւելքցի մարդու: Արդարեւ չի՛ խօսիր արեւելքցին, եւ, զարմանալի՛ է, համր է նաեւ արեւելքցի փիլիսոփան (աճ կը նայի, կը դիտէ իր ներսը, — ներհայեցողութիւնը արեւելեան դպրոց մըն է)»: «Մենք»-ի քննադատական հայեացքներն ու վերլուծական անդրադարձները չեն սահմանափակուիր միայն հայ գրական–իմացական կեանքով, այլ՝ կը տարածուին եւրոպականին վրայ, մասնաւոլաբար՝ ֆրանսականին։ Հայ գրական կեանքին անդրադարձող նո՛յն գրիչներն են՝ Շաւարշ Նարդունի, Վազգէն Շուշանեան, Նիկողոս Սարաֆեան եւ Շահան Շահնուր՝ որոնք եւրոպական գրականութենէն եւ արուեստի փիլիսոփայութենէն կատարած իրենց ընթերցումներուն Հաղորդ կը պահեն Հայ գրական միտքը՝ կարճ բայց խորաթափանց դատումներով: Այս ուղղութեամբ ամենէն աշխոյժները Շաւարշ Նարդունին եւ Վազգէն Շուշանեանն են։ Շաւարշ Նարդունի առաւելաբար կ’անդրադառնայ արուեստի Հոգեբնախօսական հարցերուն առնչուող գիրքերուն։ Այսպէս՝ A. Thibaudet«Physiologie de la critique» & Charles Baudoin«La psychoanalyse de l՛art» գիրքերուն բովանդակութիւնը ներկայացնելէ անկախաբար, կը կատարէ անոնց բերած նորութեան գնահատանքը։ Առաջինին հեղինակը՝ Ալպեր Թիպոտէ, որ ամբողջ Եւրոպայի ամենէն հեղինակաւոր մտաւորականներէն եւ հմուտ քննադատներէն մին կը համարուի, իր սոյն գիրքով կը հաստատէ թէ քննադատութիւնը «գրական սեռ մըն է եւ ստեղծագործական նկարագիր ունի»: Թիպոտէի օրերէն ասդին վէճի առարկայ ըլլալէ չէ դադրած Քննադատութեան գրական սեռ մը եւ ստեղծագործական նկարագիր ունենալու հանգամանքը։ Երկրորդին բովանդակութիւնը՝ հոգեվերլուծման կամ ֆրոյտիզմին յեղաշրջական անդրադարձները իբր նիւթ ունի, արուեստի եւ գրականութեան աշխարհէն ներս։ Գեղեցկագիտական հասկացողութիւնները «վերանորոգած» ֆրոյտիզմի վերլուծման նուիրուած Շարլ Պոտոուանի գիրքը Շաւարշ Նարդունիի գնահատութեամբ «ուսումնասիրութիւնն է արուեստագէտներու հոգեբնախօսական վիճակին, որուն արտայայտութիւնն է իրենց գործը…»: Այս տեսակէտով է, որ կ’ըսէ Շաւարշ Նարդունի. «Այսօր բազմաթիւ են գրագէտները, որոնք հոգեվերլուծական քըննադատութիւն մը կը կատարեն արուեստի բոլոր գործերուն վրայ»։ Այդ գրագէտներէն մին ալ հայ գրականագիտական մտքին համար Շաւարշ Նարդունին եղաւ, բայց իր հոգեբնախօսական ուսումնասիրութիւնները կարգ մը հայ գրողներու վրայ յաջող արդիւնքի չյանգեցան, ինչպէս պատահած էր ան եւրոպական գրականութեան համար։ Վազգէն Շուշանեանի անդրադարձները ժամանակակից գրական հարցերու եւ գիրքերու մասին, գրականագիտական մօտեցումներէ աւելի, տպաւորապաշտ դպրոցին կը պատկանին: «Մենք»-ի թիւերուն մէջ, ան իր հիացական տպաւորութիւնները, — զեղուն եւ յորդ արտայայտութիւններով, — կամ հիասթափութիւնները՝ ձաղկիչ եւ անխնայ որակումներով գրած է Ժորժ Տիւհամելի «Տեսարաններ Ապառնի Կեանքի», «Բանաստեղծութիւններ Ամերիկեան Բանուորներու», Աղեքսանդր Պուշկինի «Յեղափոխական Բանաստեղծութիւններ», Տ․ Ռիազանովի «Ամուսնութիւն եւ Համայնավարութիւն», «Տասներկու Բանաստեղծներ» հատորներու մասին։ Քաղքենիական բարքերու եւ քաղքենիացած մտայնութիւններու դէմ ինքզինք ոխերիմ հակառակորդ հռչակած համակրելի ըմբոստը, որ եղած է Վազգէն Շուշանեան, քննադատական ակնարկներուն մէջ եւս կ’արտայայտէ նոյն ոգին: «Բանաստեղծութիւններ Ամերիկեան Բանուորներու» հատորին մէջ զինք խորապէս տպաւորողը անոնց ընկերային խորքին հետ լեզուական նորարարութիւնն է, «առօրեայ ամերիկերէն»-ի գործածութեամբ, ուր «հետզհետէ կը զարգանայ նկարագեղ, հում ու լի գեղեցկութեամբ լեզու մը, որ Շելլիի կամ Շէյքսփիրի անգլերէնը չէ բոլորովին»: Բանաստեղծութիւններէն համակրանքը կ’անցնի բանուորներու առօրեայ տառապալից կեանքին, «որ կը մաշին իրենց հանապազօրեայ աշխատանքէն եւ որ կը զգան նաեւ թէ երկնակարկառ պիլտինկներու երկրին մէջ՝ իրենք է որ պիտի բերեն լուսածագ ապառնին»։ Ասիկա ալ, կ’ըսէ Վազգէն Շուշանեան, գրականութիւն է եւ որ կրնայ յաղթութեամբ տոկալ բազմաթիւ քաղքենի մրցակցութեանց։ «Տասներկու Բանաստեղծներ» հատորին բովանդակութիւնը եւս նոյն ակէն խմած ըլլալով իր ջուրը՝ կ’արժանանայ Վազգէն Շուշանեանին համակրալիր` վերաբերումին։ Ձախակողմեան բանաստեղծներ են, որոնք նաեւ որպէս յեղափոխութեան բարեկամ մտաւորականներ թշնամիներն են քաղքենիութեան։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին բանաստեղծական էութիւնը բնորոշելէ ետք, կու տայ նաեւ հաւաքական դիմագիծը. «Այս տասներկու բանաստեղծները, իրենց երկրին մէջ ուր դեռ կը յամենայ, քաղցր տրտմութեամբ մը, յեղափոխութեանց ու թափուած արեան յիշատակը, անշուշտ աւետաբեր թռչուններն են վաղուան։ Եկած յեղափոխութեան՝ մեծ մասով թշնամի բանակէն, անշուշտ անոնք չունին բիրտ ու դաժան իրականութեան անմիջական զգացումը՝ զոր կը յատկանշէր այն ամերիկեան բանուորները, որոնց վրիժառու երգերէն նմոյշներ տուինք «Մենք»-ի առաջին թիւին մէջ»: Ո՛չ միայն հետաքրքրական, այլեւ՝ իր գրականութեան սրամտութեամբ յագեցած են Շահան Շահնուրի Jerome K. Jerome-ի «Trois Hommes Dans Un Bateau»-ի եւ Claude Farrère, Loti-ի մասին գրած քըննադատական ակնարկները։ Առաջինը՝ գրախօսական իր բնոյթով գիրքին բովանդակութեան անդրադառնալէ ետք, որ զաւեշտական է իր խորքով, Շահնուր կը յարէ • «դասական գիրք մըն է ըսին, հեղինակը Անգլիոյ արդի լաւագոյն զաւեշտագիրն է ըսին ականջս ի վար, գիտնալով որ թէ՛ դասականները կը սիրեմ եւ թէ՛ զաւեշտագիրները։ Զայն կարդալով չխնդացի սակայն. կամ շատ քիչ։ Պէտք է խոշոր ճիգ մը ընել եւ կատարելապէս անգլիացի դառնալ (իմ գործս չէ), անոնց մորթը հագնիլ, կարենալ խնդալու համար։ Պաղած ապուր պատմութիւններ»։ Իր եզրակացութեան մէջ, Շ. Շահնուր պատկերաւոր բնորոշումով մը, որ կը յիշեցնէ Յ. Օշականի «կապար դարձաւ ձեռքիս մէջ» արտայայտութիւնը, կու տայ խտացեալ իր տպաւորութիւնը. «Երեք հերոսները վերապրած են երկրորդ գրքի մը մէջ որ կը կոչուի «Les trois hommes en Allemagne»։ Ուզողը կրնայ կարդալ։ Բայց ես չպիտի կարդամ։ Ակռայիս մէջ փուշ մնաց»: Թուրքիոյ սիրահար գրագէտին պատմական խեղաթիւրումին առնչութեամբ, Շահան Շահնուր իր ակնարկը՝ նիւթը ամփոփ գիծերու մէջ խտացնելէ ետք՝ կ’եզրակացնէ. «ի՞նչ ըսիր, Համբարձում․ քֆրե՞մ, կ’արժէ՞»: Քֆրելու իսկ արժանի չտեսնելու Շահնուրեան այս արհամարհական կծու ոճը դատապարտութիւնն իսկ կը կազմէ ֆրանսացի գրագէտներու հաշուենկատ թրքասիրութեան։ «Մենք»-ի «Գրականութեան եւ Արուեստի Լրատու» բաժինը կ’արձագանգէ նաեւ նկարչական, թատերական եւ երաժշտական հարցերու եւ ձեռնարկներու, բայց անոնք մասնաւոր նպաստ մը չեն բերեր «Մենք»-ի գեղագիտական ու քննադատական մտքի յառաջապաՀութեան։
***
«Մենք»-ի գեղարուեստական բերքին մէջ բանաստեղծականը կը մնայ վտի՛տ՝ իր որակով եւ քանակով: Բանաստեղծութիւնն ու բանաստեղծները տիրապետող ներկայութիւն չեն «Մենք»-ի մէջ: Բանաստեղծական այն քիչ աշխատակցութիւնները, որոնք ստորագրուած են՝ Արշամ Տատրեանէ, Ոստանիկէ, Ղ․ Մելոյեանէ, Փայլակ Միքայէլեանէ, Բիւզանդ Թօփալեանէ եւ Յ․ Կոստանդեանէ՝ չե՛ն արդարացներ «Մենք»ով արտայայտուած ո՛չ հաւաքական դիմագիծը, ո՛չ ալ գրական–գեղարուեստական նոր մտածողութեան յաւակնութիւնները։ Տարբեր ճաշակի եւ արտայայտչաձեւերու տէր բանաստեղծներ են, որոնց ստորագրած բանաստեղծութիւններուն վրայ հիմնուելով, կարելի չէ բնութագրել սփիւռքահայ բանաստեղծութեան ֆրանսահայ դպրոցին դիմագիծը, հոգեխառնութիւնը։ Բանաստեղծներու եւ բանաստեղծութեան հիմնական տեղ տրուած չէ «Մենք»-ի մէջ: Սփիւռքահայ գրականագիտական մտքին համար, որ ֆրանսահայ բանաստեղծութիւնը յառաջապահի դեր մը իրագործած է արեւմտահայ քերթողական վաստակին վրայ, իր քսաներորդ դարու կշռոյթին եւ ձգտումներուն հաղորդ իմացական խորքով եւ նորարար ոճով՝ բացակայ է «Մենք»-ի էջերէն։ Ֆրանսահայ արդիապաշտ բանաստեղծութիւնը յատկանշող բանաստեղծներէն՝ Նիկողոս Սարաֆեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Ահարոն Տատուրեան, Գրիգոր Ճիզմէճեան, Յարութ Կոստանդեան՝ կան միայն երկուքը։ Հակառակ, որ Նիկողոս Սարաֆեան «Մենք»-ին մասնակից գրողներու խումբէն է, բայց իբր բանաստեղծ բացակայ է անոր էջերէն։ Յ. Կոստանդեան իր աշխատակցած մէկ բանաստեղծութեամբ ոչինչ կը զգացնէ իբր տպաւորութիւն։ Փայլակ Միքայէլեանին տեղը ֆրանսահայ գրական վաստակին մէջ չի յատկանշուիր իր քերթողական նախափորձերով։ Ոստանիկին աշխատակցութիւնները «Մենք»-ին կը տառապին խորքի նիհարութենէ եւ աւանդական կերպի կրկնութենէ: Ղեւոնդ Մելոյեան, հակառակ որ քերթողական նոր զգայնութեան եւ ոճի ճաշակ մը կը զգացնէ, բայց «Մենք»-ի երկու բանաստեղծութիւններով չ’արդարացներ իր նորաշունչ ձգտումը։ Տարբեր է «Մենք»-ի բանաստեղծ աշխատակիցներէն Արշամ Տատրեանի պարագան։ Իր մտաւորական եւ մշակութային խորութեան Հաղորդ իմացական խորք ունին իր բանաստեղծութիւնները՝ արեւմտահայ աւանդական ոճին դրսեւորումով՝ իբր ոճ: Ընդհանրապէս, Արշամ Տատրեանի բանաստեղծական ուրոյնութիւնն ու տեղը Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան մէջ, անտեսուած է Սփիւռքահայ գրականագիտական մտքին կողմէ։ Ի՛նչ կը վերաբերի Բիւզանդ Թօփալեանին, «Մենք»-ի իր բանաստեղծական աշխատակցութիւններով արտայայտած ձգտումները յետագային շարունակելով ո՛չ միայն քերթողական վաստակ մը իրագործած են, այլեւ՝ մտքին գերակայութեամբ քսաներորդ դարը յատկանշող եւ մարդու բարդ ներաշխարհը վերարտադրող ինքնասոյզ բանաստեղծութեան մը խորութեամբ յատկանշուած են, մնալով հանդերձ անհաղորդական։ «Մենք»-ի արձակ ստեղծագործական էջերու բերքը աւելի ճոխ ու բեղուն է՝ որակ մը յատկանշող նուաճումով։ Ֆրանսահայ տաղանդաւոր արձակագիրներու սերունդէն Հոն են. Շահան Շահնուր, Վազգէն Շուշանեան, Զարեհ Որբունի, Նշան Պէշիկթաշլեան, Շաւարշ Նարդունի: Բացակայ են Հրաչ Զարդարեան, որ հեռու մնալով չէ մասնակցած «մենքեան» շարժումին, իսկ Նիկողոս Սարաֆեան՝ ինչպէս քերթողական աշխատակցութեան, նոյնպէս արձակի բաժնին մէջ ներկայ չէ։ Շաւարշ Նարդունին աւելի շատ տեսական–քննադատական միտք ներկայ է, քան գեղարուեստական գրականութեամբ: «Բաբե լոն Աշտարակ» աշխատակցութիւնը նախաճաշակը չի կազմեր յետագային իրագործուած իր գեղարուեստական արձակին։ Եւրոպական գրականութեան սրտին՝ Փարիզի գրականիմացական մթնոլորտին անհաղորդ արձակ էջեր են Գեղարքունիի, Յ. Ֆրէնկեանի, Հրաչ Սարգիսեանի, Ռաֆայէլ Զարդարեանի, Յ. Կոստանդեանի, Պ. Զարոյեանի գրութիւնները՝ որոնք հակառակ որ ֆրանսահայ կեանքի այդ օրերու զգայնութիւններէն եւ բարքերէն վերբերուած պահեր, սեւեռումներ կը ցոլացնեն (Պ․ Զարոյեանի «Հատուած մը», Յ․ Ֆրէնկեանի «Մէկը անցաւ») բայց զուրկ են ֆրանսահայ արձակի ներկայացուցիչներուն խորութենէն ու գեղեցկութենէն։ Նշան Պէշիկթաշլեան «Մենք»-ի մէջ համակրելի ներկայութիւն մըն է, ո՛չ միայն իր երգիծական շնորհքին եւ խառնուածքին փայլատակումներով, առողջ ծիծաղի եւ հեգնանքի սրամիտ դարձուածքներուն տիրապետած ոճով, այլեւ՝ արձակին գեղեցիկ փայլով։ Իր երգիծանքին թիրախը հայ կեանքն ու մարդիկն են՝ մենքեան վերանորոգիչ ձգտումին երգիծական կիրարկումով։ Խորհրդածական իր բնոյթով «Մենք»-ի էջերուն մէջ Արշամ Տատրեանի «Սիրելիդ իմ Հրանդ» արձակը, քննադատական հայեցողութեամբ կը վերլուծէ հայ մտքին սահմանափակութիւնը, յետամընացութիւնը՝ պահանջելով, որ ան յենի գիտութեան բացած խորութեան, զարգացումին, լոյսին։ Փիլիսոփայական եւ գիտական պաշարի մը յենած լուսամիտ մտաւորականը կ’ըսէ իրաւա՛մբ. «Կէս գիտութիւն մը շատ աւելի վնասակար է ու վտանգաւոր քան ամբողջ տգիտութիւն մը։ Նայէ՛ մանուկներուն ու իրենց անմեղութեան։ Կէս գիտութիւնն ալ մեր քաղաքական ու գրական կեանքին փորձանքներէն մէկն է»: «Մենք»-ի քննադատական վերաբերումին հետ քայլ պահող խոհական արձակի յատկանշական նմոյշ մըն է Արշամ Տատրեանի «Սիրելիդ իմ Հրանդ»ը, որ նաեւ «Մենք»-ի մնայուն էջերէն մին կը կազմէ։ Զարեհ Որբունի իր արձակի լաւագոյն ստեղծագործութիւններով չէ որ աշխատակցած է «Մենք»-ին: Բայց իր «Գրպանի Տետրակ» օրագրային իւրայատուկ էջերով, որ շահեկան մտածումներ կը բովանդակէ արուեստի, կեանքի եւ փիլիսոփայական հարցերու մասին, բերած է իր նպաստը «Մենք» շարժումին։ Նմոյշ մը իր մտածողութենէն. «Ի՞նչը եւ ինչպէսը։ Ահա՛ փորձաքարը գեղարուեստի կռիւներուն: Ի՞նչպէս կարելի է երկուքը իրարմէ զատել։ Առանց ինչին ինչպէսը չի կրնար ըլլալ։ Ինչը անկախ է ինչպէսէն, քանի որ ան գիտնականն է, իսկ ինչպէսը արուեստագէտը։ Արդ արուեստագէտը երկուքն ալ է, այսինքն եթէ կայ ինչպէսը, փնտռեցէք միւսը եւ պիտի գտնէք»։ «Մենք»-ի գեղարուեստական արձակի երկու տիրական դէմքերը կը հանդիսանան Շահան Շահնուրն ու Վազգէն Շուշանեանը։ Վազգէն Շուշանեանը՝ խորհրդածականը քնարականին խառնած յորդաբուխ արձակով փնտռուած գրողն է ֆրանսահայ արձակին։ Յաճախ կծու եւ հատու ոճին սլաքները, որոնք անխնայ ուժգնութեամբ ուղղուած են հայ կեանքի արատաւոր երեւոյթներուն եւ նեղմտութիւններուն, իր շեշտին անկեղծութեամբ եւ սրտցաւութեամբ վարակելով, տագնապեցուցած են հայ մարդը։ «Մենք»-ի տարբեր թիւերուն մէջ տպուած «Կը պարսաւեմ բառերը», «…Ու կը ջատագովեմ բռնութիւնը», «Վասն Տարածութեան եւ Յաղթանակի» «…Ու ներկայութիւն ընդդէմ բոլոր փախուստներուն», ինքնուրոյն արձակի գեղեցիկ նմոյշներ են, որքան ոճային առանձնայատկութիւններով, նոյնքան խորքի խռովիչ տուայտանքներով։ Առաջին անգամ «Մենք»-ի մէջ լոյս տեսած են Շահան Շահնուրի գրականութիւնը, ֆրանսահայ արձակը եւ ընդհանրապէս հայ գեղարուեստական արձակը հարստացուցած «Լիւքսէնպուրկի Պահապանները», «Պարապ Սենեակին Պատճառաւ», «Պոյնուզլըները», «Պճեղ մը Անուշ Սիրտ»ը։ Արուեստագէտ արձակագիրի եւ նորարար պատմուածագիրի տաղանդը ցոլացնող գործեր են Շահան Շահնուրի «Մենք»-ի աշխատակցութիւնները, որոնք՝ որքան ալ գոհացուցած ըլլան գրական բարձր ճաշակի տէր եւ արտասովորին հակամէտ գրասէրները, անոնցմէ ոմանք չեն դադրած գայթակղեցուցիչ հակազդեցութեամբ ընդունուելէ՝ բարոյական ըմբռնումներու դէմ իբր մեղանչում։ «Մենք»-ի մէջ, այդպիսի գայթակղեցուցիչ գրութիւն մըն էր «Պոյնուզլըները», որ պատճառ եղած է նաեւ պառակտումի։ Հայ ժողովուրդի բարոյական վարքին եւ հասկացողութեան դէմ բացայայտ վիրաւորանք եւ սրբապղծութիւն համարելով Շահան Շահնուրի «Պոյնուզլըները» զգայացունց գրութիւնը, անոր տպագրութենէն առաջ, հրատարակութեան համար, թէ՛ հրատարակութենէն ետք իր տպաւորութեամբ դատապարտելի եւ մեղադրելի նկատուած է հեղինակը։ Չէ մարսուած Շահնուրի յանդգնութիւնն ու համարձակութիւնը, որ ընթացիկ բարոյականութենէ վեր մտածողութեամբ անբարոյական արարքներու հեղինակ դարձուցած է հայ լէգէոնականներ : Անոնք, ազգային վրէժխնդրութենէ եւ ատելութենէ թելադրուած եւ մղուած ստիպած են երկու քոյր եւ եղբայր թուրքեր սեռային յարաբերութեան հակաբնախօսական եւ հակամարդկային արարքը գործելու: Ախտավարակ կիրքի սովորութիւնը շարունակուած է յետագային անբարոյացուցիչ նուաստացումով։ Մինչեւ իսկ «աղբահաւաք գրականութիւն» որակումով եղած գրոհները Շահնուրին եւ «Մենք»-ին դէմ մեծ աղմուկ բարձրացուցած են, որմէ ետք «Մենք»ը Դ․ եւ Ե․ միացեալ համար մըն ալ հրատարակութեան տալով, դադրած է։
«Մենք»-ի պատմութեան համար հետաքրքրական վկայութիւն մըն է Շահան Շահնուրի վկայութիւնը «Մենք»-ին իր յարումին մասին. «Մենք–ը ձախողանք մըն էր։ Ես որեւէ ընկերակցութեան մաս չեմ կազմած ու վստահութիւն ալ չունիմ։ Այդ շրջանին ալ հիւանդ էի եւ կը մեկնէի արձակուրդ մը առնելու համար։ Մեկնումիս նախօրեակին, Նարդունին պնդեց որ մաս կազմեմ խումբին։ Տուի գրութիւն մը եւ վերադարձիս ակամայ ստանձնեցի նաեւ խմբագիրի պաշտօնը, որովհետեւ խումբին մէջ շատ իրարու համաձայն չէին եւ թերթը մնացած էր առանց խմբագիրի։ Շուշանեան, օրինակ, կ’ատէր Նարդունին: (Գ․ Քէօսէեանի անտիպ նօթերէն, 1974)»։ Տեսնել՝ Գ․ Շահինեան «Կենսագրութիւն եւ Մատենագիտութիւն Շահան Շահնուրի», էջ 33։
Հակառա՛կ «Մենք»-ի գործօն մասնակիցներէն, խմբագիրի պաշտօն վարած եւ անոր Ա․ թիւի մանիֆեսթին տակ ստորագրած Շահան Շահնուրի հաստատումին «Մենք»-ի ձախողանքին մասին, եւ Հակառակ նաեւ անոր կարճատեւ հրատարակութեան միջոցին՝ 1931-1932 ընդամէնը չորս գիրք, վերջինը՝ միացեալ համար մը Դ. եւ Ե․՝ «Մենք»ը իբր շարժում եւ գեղագիտական նոր մտածողութիւն իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ Սփիւռքահայ գրական մամուլի պատմութեան մէջ։ Իւրայատուկ տեղ մը, որ ստեղծագործական բերքէն աւելի կը յատկանշուի իր նորարար շունչով, Սփիւռքի հոգեխառնութիւնը նշող գրական–գեղագիտական նոր հայեցողութեամբ։ Սփիւռքի լինելութեան որոնումով։
Պ. U.