ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔ – ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ԼԵՒՈՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ԳՈԼԷՃԻ 1985-Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

«Արարատ» – 15 Յունիս 1985

 

Ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, դարձեալ կը գտնուինք հոգեմտաւոր հասունութեան մակարդակ մը նուաճած, երկրորդական ուսման աւարտը նշող հունձքին հետ դէմ յանդիման: Հնձուորի զոհունակութիւնը կ’ապրինք այսօր, կրթութեան մշակ որպէս, ի տես այն երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք երկրորդական ուսման լոյսով լուսաւորուած եւ բացուած կեանքին, աշխարհին եւ զիտութեան, պիտի խտացնեն Սփիւռքի Հայութեան ծառայութեան դաշտը: Դաշտը՝ որպէս ընդգրկումի հորիզոն լայնարձակ է ու տարածուն: Կը բովանդակէ ամբողջ Սփիւռքն ու Սփիւռքի հայութիւնը։ Ու ինչքա՜ն պահանջքը կը զզացուի այսօր, Հայկական սփիւռքի ծառայութեան դաշտին համար, հայ մշակոյթի ժառանգութեամբ կազմուած, Հայոց վերածաղկող Հայրենիքին հանդէպ հաւատքով համակուած եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին հանդէպ վճռակամութեամբ տոգորուած հայաշո՛ւնչ սերունդներու։ Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւորութեամբ կ’ընդգծուի հայկական երկրորդական վարժարաններու նշանակալից եւ պատմական առաքելութիւնը՝ հայկական Սփիւռքի գոյատեւման եւ դիմադրական պայքարին համար։ Վստահ ենք, որ հնձուորի մեր գոհունակութիւնը կը զգաք ու կ’ապրիք նաեւ Դուք՝ որպէս ծնողներ, որպէս պատասխանատու մարմիններու պատասխանատու դէմքեր՝ ի տես Սահակեան Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի 1985 տարուան շրջանաւարտներու հունձքին՝ յանձնառու հայերու նոր սերունդին, նոր հոյլին:

Հունձքի այս նոր հոյլը կը կազմէ նոր Սահակեանի վեցերորդ սերունդը եւ ընդհանրապէս Սահակեանի պատմութեան 62–րդ բերքը։

 

Սիրելի շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ,

Վկայուեցաք կրթական հաստատութենէ մը, որուն արմատները կ’երկարին Լիբանանի ասպնջական հողին վրայ, անցեալով, աւանդութիւններով հարուստ, մարդկային, ընկերային, հայրենասիրական արժէքներու եւ սկզբունքներու հաւատքով շնչած ու շնչող ենթահողին մէջ։

Ունեցէ՛ք հպարտութիւնը այդ արմատին նոր ընձիւղները ըլլալու: Ամէնէն թարմ ու կանաչ ընձիւղը։

Բայց ի՞նչ տուաւ 62 տարիներու հնութեամբ շնչող Սահակեանի արմատները, որմով հպարտանալու հրաւէրն ու պատուէրը կը տրուի ձեզի այսօր, այս բեմէն՝ ձեր շրջանաւարտութեան առիթով: Այդ արմատները ամէն բանէ առաջ ձեզ կապեցին հայկական ինքնութեան, ձեր հայկական ծագումին, արմատներուն։ Քա՛յլ առ քա՛յլ, հե՛ւք առ հե՛ւք, ո՛ւմպ առ ո՛ւմպ շրջեցաք, շնչեցիք, ըմպեցիք հազարամեայ հայոց պատմութեան քառուղիներուն վրայ հայկական լինելութեան պայքարի ոգին, պատմութենէն ժառանգուած Լոյսը։ Էջ առ էջ մտնելով եւ թափանցելով հայութեան պատմական Ճակատագրի ծալքերուն մէջ, անցեալին խռովքն ու սարսուռը կրելով ձեր էութեան մէջ, հաւատարմութիւն խոստացաք դառնալու նոր դերակատարները հայութեան Սփիւռքի ճակատագրի էջերը լուսաւոր տողերով արձանագրելու կոչուած: Նահանջող հայութեան դիմադրական նոր աւիւն ներարկելու համար: Սորվեցաք Հայոց Պատմութեան դառն էջերէն, որ դժուար է հայ ըլլալը եւ մնալը, երբ մանաւանդ կը գտնուիք տարամերժ հողերուն վրայ։ Ոչ միայն հայրենիքէն դուրս, այլ հայրենի հողերուն վրայ հայութեան ճակատագիրը բախած է լինելու եւ չլինելու հարցականներուն։ Բայց սեփական ժողովուրդին հանդէպ հաւատքը, հայրենական հողին հանդէպ պաշտամունքը, աշխարհի վրայ հայուն կոչումը արդարացնելու ծառայող առաքելութեան մը գիտակցութիւնը՝ լինելու կամքով օժտած է ձեր ժողովուրդը։ Այդ հաւատքով, այդ պաշտամունքով եւ այդ կամքով զինուած պիտի շարունակէք կազմել ու կերտել հայոց պատմութեան նոր էջերը, որ սփիւռքահայութեան ճակատագրով կը հեւայ, կը տագնապի, կը խռովի: Ու ձեր հեւքին ու շունչին երկարութեան համար Սահակեանի արմատները ձեզ հաղորդակից դարձուցին հայ մշակոյթի անմա՛շ փառքերուն, անկապտելի արժէքներուն, հպարտացնող հոգեւոր նուաճումներուն: Ձեր հոգիներուն մէջ, ձեր հայու զիտակցութեան էութենէն ներս կաթեցուց հայ դպրութեան տաճարի կանթեղին լոյսն ու բոցը։ Առաւել բոցավառեցէ՛ք, հրահրեցէ՛ք այդ լոյսը, որպէսզի կարենաք դիմադրել ու պահել, ուրիշ լոյսերու մէջ, ձեր լոյսը, հայութեան յաւիտենական լոյսը։

Սահակեանի յարկին տակ, հայկական աւանդութիւններու եւ առաքինութիւններու մթնոլորտին մէջ, կազմուեցաւ ձեր հայու նկարագիրը։ Որպէսզի այդ նկարազիրը անխաթար մնայ՝ ձեր ազզային գիտակցութեան մայր երակը կապեց հայութեան ներկայ մայր երակին՝ ապրող, շնչող, վերածաղկող Խ. Հայաստանին: Սորվեցաք Սահակեանի ջամբած հայեցի դաստիարակութեան շունչով, որ ժողովուրդ մը կ’ապրի ու կը գոյատեւէ ապրող ու ստեղծազործող հայրենիքի մը գոյութեամբ, շունչով, ոգիով: Որքա՜ն ալ գեղեցիկ ըլլան անցեալի փառքերն ու յաղթանակները, նուաճումներն ու դրօշները, եթէ ներկայի մէջ չեն շարունակուիր, չե՛ն կրնար ներկան ու ապագան երաշխաւորող իրականութեան վերածուիլ։ Կը մնան գեղեցիկ յուշի մը ոլորտներուն մէջ։ Պարզապէ՛ս: Սահակեանը, ձեր հաստատութիւնը՝ ունի հպարտութիւնը, որ իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, իր յարկէն անցած բազմաթիւ սերունդներու տուաւ հպարտութիւնը՝ հայրենիք ու պետականութիւն ունենալու, այնպիսի՛ տարիներուն եւ օրերուն, երբ հայրենիքին լոյսը այսքան թափանցիկ չէր ու շռայլօրէն չէ՛ր ողողած սփիւռքի չորս ծագերը։ Դո՛ւք, Սահակեանի շրջանաւարտներու նոր սերունդը, ո՛չ միայն պիտի մնաք հայրենասիրական այդ աւանդութիւններու ջերմեռանդ պահակը, այլ պիտի հանդիսանաք անոնց յառաջապահը հայկական Սփիւռքի ո՛ր ափերուն վրայ ալ որ գտնուիք։ Այդ իսկ կը կազմէ Սահակեանցիի իւրայատկութիւնը, Սահակեանի հայեցի դաստիարակութեան ինքնուրոյն դրոշմը։

Սահակեանը նեղ ազգայնականութեան մը պարունակին մէջ չսահմանափակեց իր հայրենասիրութեան ըմբռնողութիւնը: Իր սեփական հայրենիքը չսիրողը, իր սեփական հայրենիքի լուսաւոր իրականութեան երես դարձնողը, չի կրնար ուրիշին հայրենիքը, զինք ասպնջականօրէն որդեգրած հայրենիքը սիրել ու պաշտպանել սկզբունքով: Սահակեանը իր յարկէն անցնող սերունդներուն սիրցուց Լիբանանը: Լիբանանեան արժէքները։ Լիբանանեան հայրենիքին ազնիւ, պարկեշտ, հաւատարիմ քաղաքացիներ դառնալու դաստիարակչական քաղաքականութիւնը միշտ մնաց իր կրթական սեւեռակէտներէն մէկը։ Հաւատա՛ց ու կը հաւատա՛յ տակաւին, որ կարելի է լաւ հայ ըլլալու կողքին լաւ լիբանանցի ըլլալ։ Հայ կեանքին համար ընդհանրացուց այն մտածողութիւնը, թէ Հայաստանը սիրել, որպէս Մայր Հայրենիք անոր հետ հոգեկան կապը զարգացնելը՝ չի նշանակեր ամէնեւին հեռու մնալ Լիբանանեան կեանքի առօրեայէն: Չտագնապիլ Լիբանանով: Չմասնակցիլ Լիբանանի քաղաքական, քաղաքակրթական եւ մշակութային կեանքի ելեւէջներուն։ Ընղհակառակն, անոնցմով պայմանաւորեց ծագումով հայ լիբանացիի վաւերականութիւնը: Այս իրողութեամբ կը բացատրուի նաեւ Սահակեանի հասցուցած սերունդներուն բերած նպաստը Լիբանանեան հայրենիքի յառաջդիմութեան՝ անկախութենէն առաջ ու անկախութենէն ետք։ «Ամբողջական Լիբանանին հետ եւ անկախ Լիբանանին համար» սկզբունքով։

Դուք, ութը տարեկան մանուկներ էիք, երբ 1975-ին կը բռնկէր Լիբանանի դաժան ու ոչինչ խնայող, անգութ պատերազմը։ Այսօր, երիտասարդութեան սեմին թեւակոխած, երբ ձեր հոգե-մտաւոր հասունութեան մէկ կարեւոր հանգրուանի վկայականները կը ստանաք, պատերազմը վերջ գտած չէ տակաւին եւ ռումբերուն ահեղագոռ թնդիւնները չեն լռած: Այս պահուն իսկ, ձեր կեանքի բերկրալի պահերէն մէկուն ընթացքին կ’ապրիք անձկութիւնը, որ կրնայ այս հանդիսութիւնը մէկ վայրկեանէն միւսը խանգարուիլ, անակնկալօրէն վերսկսած ռմբակոծումներու սպառնալիքով, ինչպէս խանգարուեցան յաճախ լիբանանեան պատերազմի ընթացքին ձեր դասաւանդութեան պահերը: Բայց հակառակ անմարդկայնօրէն վայրագ ու բիրտ իրականութեան, որ Լիբանանեան հայրենիքի մեր առօրեան է, Սահակեանէն ձեր ստացած քաղաքացիական կրթութեան պատուէրով պիտի մնաք Լիբանանին հետ, Լիբանանին համար, դառնալու համար վաղուան խաղաղ Լիբանանին շինարար ու կերտիչ քաղաքացիները: Հայրենիքին ճշմարիտ ու հաւատարիմ քաղաքացիները չեն լքեր հայրենիքը իր նեղ ու տագնապալի պահերուն ու կացութեան մէջ։ Քաղաքացիական բարձր զիտակցութենէն բխող հայրենասիրութիւն է, որ անհատ քաղաքացին իր կարելիութիւնները ի սպաս դնէ, որպէսզի հայրենիքը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, ազատագրէ իր հողերը, վերամիաւորէ հոգեկան տարածութիւնները, վերահաստատէ իր միութիւնը՝ բռնելու համար դեմոկրատական ազատութիւններու տանող ապագայի ճամբան, որ Լիբանանի գոյութեան հիմքն է:

Այս կը պահանջէ ձեզմէ քաղաքացիական ձեր պարտականութիւնները, Լիբանանի եւ հայութեան շահերը։

Առանց բարոյականութեան եւ բարոյական սկզբունքներու կիրարկումին, կեանքը կը պարպուի իր իմաստներու էատարրերէն։ Մարդը մարդ պահողը այդ սկզբունքներն են։ Սկզբունքային կեցուածքները։ Ուսումը բաւարար չէ այսօր մարդկային նկարագրի բարոյականութիւնը կերտելու համար: Բարոյական սկզբունքներով կազմուած եւ անոնցմով առաջնորդուող մարդը պատրաստելու համար։ Աշխարհի մէջ տիրող հոսանքը նիւթապաշտական ձգտումներու թեքնոլոժին է։ Արեւմտեան թէ Արեւելեան կողմն աշխարհի ընկերաբանները կ’ահազանգեն մարդկային բարոյական սկզբունքներու եւ բարոյականութեան նահանջը։ Դաստիարակութեան տեղատուութիւնը, որ մարդկայինի կորուստն է: Աշխարհի օրինակով մենք հայերս եւս հետամուտ ենք բարոյական սկզբունքներէն աւելի, ա՛յլ արժէքներու։ Ազգային պատկանելիութիւնը պայմանաւորող հայեցի դաստիարակութիւնը, որ բարոյական կողմնորոշիչն է անհատին կը նահանջէ։ Կարծես թէ մեր ազզային ընկերութիւնը դադրած է այսօր դպրոցէն պահանջելէ այն ինչ որ հայը եւ մարդը կը բնորոշէ։ Լիբանանի պատերազմը եւ Արեւմուտքէն հասնող հոսանքները առաւել եւս ապականած են դաստիարակութեան ազնուացնող օդը։

Սահակեանէն ստացած ձեր դաստիարակութիւնը եւ բարոյական արժէքներու ժառանգութիւնը կը պարտաւորեցնեն ձեզ, որ հակառակ պատերազմով ապականած ձեր միջավայրին, խաթարուած բարքերուն, բարոյական հասկացողութիւններու վերիվայրումներուն՝ պահէ՛ք ձեր մարդկային նկարագրի վեհութիւնը, հոգեկան առաքինութիւնը, մտաւորական պարկեշտութիւնը, բարոյական կեցուածքի արիութիւնը, գաղափարներու ձեր աշխարհին հանդէպ հաւատարմութիւնը, ձեր անձին ու ինքզինքին հետ հաշտ մնալու կեանքի անկեղծ ոճը, ուրիշներու վստահութիւնը չկորսնցնելու անձնազոհութիւնը, քսուներու եւ գձուձներու մէջ հոգեկան վեհանձնութիւնը կարենալ պահելու ներքին զօրութիւնը, միայն ձեր անձին համար եսակեդրոնութեամբ ապրելու անանձնականութիւնը, որոնք ամէն կարգի անցաւոր փառքէ ու նիւթական հարստութենէ աւելի՛ թանկագին են եւ բարոյապէս հարստացնող։

Ձեր երկրորդական ուսումը ստացաք Սահակեանի յարկին տակ։ Երկրորդական ուսման աւարտը կարեւոր հանգրուան մը նշելով հանդերձ ձեր կեանքին մէջ, երկրորդականի վկայականը ուսման աւարտը չէ ամէնեւին: Նոր սկիզբ մըն է, գիտակից մեկնակէտ՝ նոր հորիզոններու նուաճման:

Վաղն իսկ պիտի զգաք ու հաստատէք թէ անբաւարար են ձեր ուսման գիտելիքները։ Նոր բաներ սորվելու ծարաւը պիտի տոչորէ ձեզ։ Բացուեցէ՛ք կեանքին, սորվեցէ՛ք կեանքէն, որովհետեւ, կեանքը մեծագոյն դպրոցն է ու աննման՝ ուսուցիչ։ Չկայ աւելի մեծ դպրոց ու համալսարան, քան՝ կեանքն ու կեանքի փորձառութիւնները։ Ինքնակատարելագործման ուղիով:

Գիտութեան եւ ուսման յառաջընթացը վաղն իսկ ձեզ պիտի դնէ այն իրականութեան առջեւ, որ պիտի զգացնէ ձեր եւ ձեր դարուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետը։ Այդ անջրպետային պարապութիւնը լեցնող ազդակ է մասնագիտական ուսումը, գիտական ու մտաւորական խորացումը: Ձեզմէ անոնք, որոնք կարելիութիւնը ունին համալսարանական ուսման ճամբով բացուիլ գիտութեան, անկասկած պիտի բացուին: Օր մը ձեր կուտակած ու դիզած հարստութիւնները կրնան փճանալ, կորսուիլ ու անհետանալ։ Նմանեցէ՛ք Հելլայի իմաստուններէն Բիասին, որ երբ թշնամի բանակներուն առջեւ իր հայրենակիցները խոյս կու տային, փախցնելով իրենց առարկաներն ու հարստութիւնները, ան ամենայն անտարբերութեամբ յարեց. — ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ՅԱՓՇՏԱԿԵԼ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՍ: ԱՄԲՈՂՋ ՈՒՆԵՑԱԾՍ ՎՐԱՍ ԿԸ ԿՐԵՄ:

26 Յունիս 1985

© 2026 Bebo Simonian. All Rights Reserved.