« ԱՐԱՐԱՏ» – 23 Յուլիս 1983
Ծ.Խ.
Ստորեւ հրատարակութեան կու տանք Սահակեան Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի Երկրորդականի Վկայականաց Բաշխման հանդէսին, որ 60–ամեակի հունձքին նուիրուած էր, Տնօրէն Պէպօ Սիմոնեանի «Հուսկ Բանք»ը:
Սահակեանի վաթսունամեակը նշող հանդիսութիւններու շրջագիծէն ներս, վկայականաց բաշխման այս հանդիսութիւնը, իւրայատուկ իմաստ եւ նշանակալից խորհուրդ ունի: Վաթսուն ամեայ Սահակեանի կրթական բերքին կու գան միանալու քսան-երեք երիտասարդ-երիտասարդուհիներու նոր հունձքը, որ 60 ամեակի տարուան զուդադիպութեամբ ստացաւ Վաթսունամեակի Հունձք բնորոշ անուանակոչումը: Կ’ողջունենք դալար հասկերու այս փունջն ու խաչբուռը՝ Սահակեանի շրջանաւարտներու շարքերէն ներս:
Հունձք մը, որ եթէ ազգային ու մարդկային իր կազմաւորման աւիշները ստացաւ հայ գաղութի հնագոյն կրթական օճախին վաթսունամեայ աւանդութիւններու ենթահողին մէջ հաստատուած արմատներէն, արմատները կենսաւորող գաղափարական, հայրենասիրական ու բարոյական արժէքներէն, բայց կեանքի կը բացուի Լիբանանի համար պատմա-քաղաքականօրէն բախտորոշ, ծա՛ նր ու ճակատագրական այս օրերուն: Աշխարհի համար, աշխարհի մարդկային դիմագիծը այսքան հեւքոտ արագութեամբ փոխող եւ այլասերող բարոյական, ընկերային, ազգային արժէքներու վերիվայրումներով յատկանշուող արդի ժամանակներու մէջ։ Հայութեան համար, Սփիւռքի զաւակ ըլլալու եւ անոր դառն ճակատագիրը որպէս դատակնիք կրելու դժբախտութեան հետ, վերածաղկող հայրենիք եւ պետականութիւն ունենալու բախտաւոր սերունդի մը ներկայացուցիչները որպէս:
Սիրելի շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ,
Ձեր աղուոր տարիքին, գարնանային հասակին, կանաչ երազներու ծաղկումին աղբիւրը՝ Լիբանանի հողն ու Լիբանանեան հայրենիքը եղած է: Գիտէ՛ք, Լիբանանի գոյութեան խորհրդանիշն են Մայրիները: Ձեր հասակները ուռճացան, վերջին ութ տարիներուն, վիրաւոր Մայրիներու չարաշուք հովանիին տակ: Ձեր տարիքին ամէնէն աղուոր տարիները, մանկապատանեկան կարկաչող առուակներու զուարթութեամբ յատկանշուելիք օրերը՝ անցան պատերազմի մէջ, անապահովութեան հովիտին մէջ, ապրելու մղձաւանջով, երազելու կարօտով եւ չմեռնելու արհաւիրքով ու տագնապով լեցուն: Սեւ, դաժա՛ն ու մռայլ տարիները հանդիսացան՝ պատերազմի տարիները, ձեր Լիբանանեան կեանքին:
Ու եթէ կայ բան մը, որ կեանքի մէջ պէտք է ատէ՛ք, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ մարդը անմարդկային դարձնող մարդը անասնային բնազդներու մակարդակին իջեցնող պատերազմի Չարիքը: Ո՛չ միայն մարդը ոչնչացնող, այլ մարդը ոչնչութեան վերածող արդի ժամանակներու եօթ գլխանի հրէշը, որուն կը հանդիպէիք ձեր մանկութեան հէքիաթներուն մէջ միայն: Աշխարհի երկնակամարները խաղաղութեան շունչով ու ծուխով պատելէ ետք, խաղաղութեան աղաւնիները թող գան հանգչելու Լիբանանի երկնքի քիւերուն եւ իրենց կաթը հոսեցնելով եւ խառնելով Լիբանանի երկնքին կապոյտներուն՝ բաշխեն աշխարհի ամէնէն թանկագին հարստութիւնը եւ վերադարձնեն մարդկութեան ամէնէն ցանկալի երազը՝ խաղաղութիւնը:
Իւրաքանչիւր հարազա՛տ, անխա՛ռն եւ վաւերակա՛ն լիբանանցիի պէս, ձեր ալ երազն ու պայքարը պիտի ըլլայ, քաղաքացիական պարտականութեան պատուէրով եւ զիտակցութեամբ Լիբանանեան հայրենիքի գերիշխանութեան եւ անկախութեան վերատիրացումը, Ազգային ու համայնքային գոյակեցութեան եւ միասնականութեան ամրապնդումը, հողային ամբողջականութեան պահպանումը: Այս տեսակ Լիբանան մը իրապէ՛ս գեղեցիկ էր երէկ, ու գեղեցիկ պիտի ըլլայ վաղը: Ու դուք կառչած մնացէք Լիբանանին, որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի որեւէ երկրէ աւելի, կ’արժէ որպէս մարդ եւ մարղու արժանաւորութիւն, որպէս հայ եւ հայու արժանապատուութիւն ապրիլ դեմոկրատական եւ մարդկայնական Լիբանանի ազատութեան մէջ:
Սիրելի շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ,
Աշխարհը գլխու պտոյտ տուող յառաջդիմութիւն կ’ապրի այսօր: «Թեքնոլոժին» կը զարգանայ, գիտութիւնը նուաճումներ կ’արձանագրէ, մոլորակէ մոլորակ ճամբորդութիւնները յաճախադէպ եւ սովորական երեւոյթներ կը համարուին: Մէկ խօսքով՝ կ’ապրիք Լուսնի նուաճման եւ մարդամեքենաներու դարը: Բայց մի՛ զարմանաք, եթէ ըսեմ թէ քաղաքակրթութեան յարաճուն վերելքի այս հանգրուանին՝ մարդկութիւնը եւ մարդկային արժէքներու մակարդակը կ’ապրի վայրէջք մը: Յոռետեսութիւն թող չնկատուի, մարդկային տեսակէտով, վայրէջք արտայայտութիւնը՝ այլ իրատեսութիւն, զգացնելու եւ զգաստացնելու ձեզի, թէ կ’ապրիք աշխարհի մը մէջ, որ հետզհետէ հրաժեշտ կու տայ հոգեկան արժէքներու, բարոյական սկզբունքներու, աշխարհի ու կեանքին կեդրոնը դարձնելով մարդկային հիւանդ եսը, եսին գոհացում տուող հաճոյամոլութեան բոլոր բոլոր արտայայտութիւնները եւ տեսակները: Սէրն է, որ մարդս դուրս բերելով իր Եսին մեկուսացումէն եւ բանտարկութենէն, կը կապէ կեանքին, աշխարհին, ընկերու- թեան, մարդուն ու մարդկային բարձրագոյն իտէալներուն: Սէրը աճեցուցէք ձեր հոգիներուն մէջ, որպէսզի ձեր շրջապատը անապատի չվերածէք եւ կեանքի մէջ միշտ ունեցէք անանձնական իտէալ մը, եւ իտալներ եթէ կրնաք, որոնց ծառայելը ձեր նշանաբանը դարձուցէք:
Կեանքը եւ աշխարհը նիւթական եւ հոգեկան արժէքներու վրայ հիմնուած են: Անոնց հակադրութեան եւ պայքարին վրայ: Դուք, եղէ՛ք անոնցմէ, որոնք առանց նիւթը արհամարհելու, չեն դառնար նիւթին եւ նիւթական արժէքներուն գերին եւ մանաւանդ նիւթեղէն կուռքերը չեն վերածեր կեանքի նպատակի: Նիւթին չեն զոհեր Հոգեկանը, Մարդկայինը, Բարոյականը։ Կ’ապրիք նիւթապաշտ աշխարհի մը մէջ: Հետզհե տէ նիւթական արժէքները առաւել եւս տիրապետող պիտի դառնան: Բայց որպէսզի կարենաք մարդու արժանաւորութեամբ ապրիլ ու գոյատեւել, ձեզ վերիվայրումներու ենթարկող աշխարհի մը մէջ որպէսզի գինովի պէս չտապալիք եւ գետին իյնալով չնուաստանաք՝ հաստատ, կայուն եւ հետեւողական նկարագիր պիտի ունենաք: Նկարագիրները չեն ծնիր, նկարագիրները կը կերտուին: Դուք պիտի ըլլաք ձեր, դպրոցին մէջ կազմուած նկարագրին կերտման զարգացումը շարունակողը: Նկարագիր մը, որ սկզբունքներ ունենայ եւ սկզբունքի տէր ըլլար Գիտցէք, որ սկզբունքի տէր ըլլալը կը նշանակէ, ան-ողնայար չըլլալ: Չըլլալ մանաւանդ ամէնուն հետ, ամէնուն պէս: Այլ ունենալ անհատականութիւն մը, որ ձեզ կը զանազանէ եւ կը զատորոշէ տարբեր անհատականութիւններէ: Եւ այս՝ կ’ենթադրէ ունենալ հակառակորդներ: Սկզբունքի տէր ըլլալով, մի՛ վախնար հակառակորդ ունենալէ: Այդ կը կազմէ ձեր անհատականութեան ուժն ու հմայքը: Կեանքը ապրեցէք այս հասկացողութեամբ, գիտակցութեամբ եւ հոգեկան մակարդակով՝ ինչ որ ալ եղած ըլլայ ձեզ շրջապատող իրականութիւնը, որովհետեւ այդ ճամբով է որ կարելի պիտի ըլլայ մարդու մէջ պահել մարդկայինը եւ աշխարհի մարդկայնական ղիմագիծը:
Բայց աշխարհի քառուղիներուն վրայ, աշխարհի լոյսերու շլացնող հմայքին առջեւ, մեզ կը տագնապեցնէ նաեւ հայկականութեան Լոյսը: Այդ լոյսը, որ դարերէ ի վեր կը վառի, չի մարիր ու հատնիր: Մեր նախնիքներէն մեզի ու մարդկութեան կտակուած ազգային մշակոյթի ժառանգութիւնն է ան: Այդ լոյսն է, որ մեզ հայ պիտի պահէ եւ մեզ զանազանէ ու զատորոշէ աշխարհի ուրիշ լոյսերէն: Բայց Լոյսը պահելը միայն բաւարար չէ տակաւին: Հայոց Պատմութիւնը արձանագրած է ու կ’արձանագրէ տակաւին Մեծ Հայերու, Հայերու եւ ուրիշ հայերու կենսագրութիւնները, Դո՛ւք, որպէս հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ- շրջանաւարտուհիներ՝ հայոց հին ու նոր հայրենիքի պատմութեան արձանագրած Մեծ Հայերէն առնելով ձեր ներշնչումները, հետեւելով անոնց կեանքի օրինակին, ուժաւորուելով անոնց սխրագործութիւններէն, թեւաւորուելով անոնց երազներէն՝ պիտի կերտէք ձեր մէջ նոր հայը, վաւերական ճշմարիտ հայը: Այն հայը, որ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ չ’ապրիր, անտարբերութեամբ եւ կրաւորականութեամբ, այլ կեանքին հրապարակէն կ’անցնի, գործօն դերակատարութեամբ հայ կեանքի վերելքին կը սատարէ, իր ծառայութեան նպաստը բերելով հայ ժողովուրդի առաջ կանգնած հարցերու լուծումին: Ոչինչ կ’արժէ այս օրերուն հայ մնալը պարզապէս: Հայերէն լեզու գործածելով հանդերձ հայութենէ պարպուած, հայ արժէքներու շնչառութենէն դադրած ուրիշ տեսակի հայ մըն է ան, որ հայութեան ոչ մէկ օգտակարութիւն ունի, եթէ վնաս ալ չէ իր հայ կոչուիլը:
Վաւերական ու հարազատ հայը, սիրելի շրջանաւարտ -շրջանաւարտուհիներ, հայու այն տիպարն է, որ բացի հայօրէն ապրելէ, շնչելէ, զգալէ ու մտածելէ, ինքզինք կը համարէ պահանջատէր հայութեան մէկ գիտակից եւ յանձնառու միաւորը եւ իր սրտին ստեղծագործող ու ծաղկող Արդի ազգային երակը կը զօդէ, հոգեկան անքակտելի կապերով, Հայութեան մայր երակին՝ ապրող, Հայաստանին:
Յետ դպրոցական ձեր հայ մարդու կեանքին համար, Սահակեանը ձեզ կ’ուզէ տեսնել ու գտնել այդ ուղիին վրայ:
13 Յ ուլիս, 1983