ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔ – ԱԶԳԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԼ ԳԱԼԻՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ

«Արարատ» – 4 Սեպտեմբեր, 1981

Ծ. Խ. Ստորեւ՝ ՍահակեւանԼեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէն ընկեր Պէպօ Սիմոնեանի Հուսկ Բանքը՝ 1980-1981 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն ուղղուած՝ վկայականաց բաշխման հանդէսին առիթով:

 

Կիսապաշտօնական այս հանդիսութեամբ, Սահակեան – Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի ընտանեկան սեղմ շրջանակին ներկայութեան, շուրջ 60-ամեայ կրթական այս հաստատութեան պատրաստած սերունդներու բերքին նոր հունձք մըն ալ կու գայ միանալու՝ 1980 – 1981 տարեշրջանի այս տասը նոր շրջանաւարտ – շրջանաւարտուհիներով: Բազմաշար շղթային նոր օղակները կոչուած են դառնալու, վերջին հոյլը այս շրջանաւարտներու, բայց ոչ վերջինը:

Որովհետեւ կը հաւատանք Լիբանանին, Լիբանանի վերականգնումին ու միութեան: Կը հաւատանք Լիբանանի Հայ գաղութին, անոր վիճակուած մասնայատուկ առաքելութեան՝ Հայկական Սփիւռքի տարտղնող եւ տարտղնուած տարածութեան մէջ: Վերջապէս, կը հաւատանք, որ Լիբանանի հայ գաղութի տեւականացման եւ վերաշխուժացման հետ պիտի ապրի՛ ու շարունակէ իր հայակերտումի եւ մարդակերտումի կրթական առաքելութիւնը՝ ի շարս այլ կրթական օճախներու՝ Սահակեան — Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճը եւս: Քիչ առաջ փոխանցուած ջահը՝ խորհրդանիշը կը կազմէ սերունդներու հերթափոխութեան: Շարունակման:

Այս հաւատքին պարտադրանքն էր, որ հակառակ երկրէն ներս տիրող քաղաքական անկայունութեան եւ ապահովական ո՛չ բաղձալի կացութեան, կայացուցինք վկայականաց բաշխման այս հաւաքը՝ չզրկելու համար նաեւ 1980-1981 տարեշրջանի շրջանաւարտները, իրենց ուսումնական կեանքի կարեւոր հանգրուանին վախճանը նշող եւ նոր հանգրուաններու եւ հորիզոններու մեկնակէտ հանդիսացող՝ յիշատակելի պահէն:

Նոր Սահակեանի, այսինքն՝ Սահակեան – Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի երկրորդ տարուան հունձքն է՝ շրջանաւարտներու այս նոր հոյլը, որուն երկրորդական ուսման պսակումին հանդիսաւոր հրճուանքովը լեցուած՝ մէկտեղուած էք այսօր հոս՝ որպէս ծնողք, ուսուցիչ, խնամակալ, բարեկամ եւ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի կրթական առաքելութեամբ խանդավառ պատասխանատու դէմքեր՝ հայ բանաստեղծին բառերով ապրուած եւ լոյսով քանդակուած այս պահը վայելելու եւ վերապրեցնելու ձեր մէջ.

 

Քեզ կը բերեմ, մա՛յր, հունձքերուս նախընծան:

Զոհագործէ՛ սեղանիդ վրայ՝ ուր դարե՜ր,

Փեթակներուս մեղրամոմերը դեղձան

Լոյս ու արցունք են հոսեր։

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

Լոյսը չի նուաճուիր առանց տառապանքի: Առանց արցունքի: Լոյսով ու արցունքով շաղախուած եւ շահուած ուսանողական վաստակ մը արժեւորելու իմաստը ունի վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր այս պահը: Թո՛յլ տուէք, յարգելի բարեկամներ, դաստիարակի իմ վերջին խօսքս ուղղելու շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներուն՝ որոնք այս պահուս մեր եւ ձեր դէմ կանգնած՝ երջանկութեան, յուզումի եւ վաղուան անորոշութեան համախառն զգացումներով եւ ապրումներով թաթաւուն՝ վաղը պիտի մտնեն կեանքի յորձանուտին մէջ, պիտի դադրին այսուհետեւ, լուսանցքի վրայ ըլլալէ, ապրելէ, պիտի քալեն աշխարհի մէջ, մարդկութեան հետ՝ հայկական էատարրերով կազմուած նկարագրով: Պիտի անցնին օտար աշխարհներու պողոտաներէն լայնարձակ: Բայց, որպէսզի, սիրելի շրջանաւարտ շրջանաւարտուհիներ, օտար աշխարհներու լայնարձակ պողոտաներուն վրայ, ձեր քայլերը նետէք  հաստատ, ձեր հասակները մնան ուղղաձիգ, ձեր ճակատները միշտ բարձր պահէք, ապրի՛ք ազգային ու մարդկային արժանապատուութեամբ, պէ՛տք ունիք ենթահողի մը: Պատուանդանի մը: Այդ ենթահողի պատգամը կը տրուի ձեզի այսօ՛ր՝ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակաւոր, համաշխարհային արժէքով յոյն գրագէտ՝ Նիգոս Գազանծագիսի «Ճգնութիւն» հատորէն մէջբերուած եւ ընդգծուած հետեւեալ լուսաւոր եւ լուսաւորող գաղափարներով.

«ՑԵՂԻԴ ՀԱՆԴԷՊ ԿԱՏԱՐԱԾ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆԴ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԻԴ ՄԷՋ ԶԳԱԼ ԲՈԼՈՐ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐԴ»

Ձեր ներաշխարհներուն մէջ զգալ ձեր նախահայրերը՝ կը նշանակէ ապրիլ անոնց արժէքներով, ոգեւորուիլ անոնց անցած կեանքի ճանապարհով, տէր կանգնիլ անոնց կտակին՝ մնալով հաւատարիմ այն աւանդութիւններուն եւ ազգային ու մշակութային ժառանգութեան, որ որպէս ենթահող ձեր ազգային կազմաւորման պիտի լուսաւորէ գալիքի ճանապարհները:

Ձեր ազգային ժառանգութեան արմատները հի՛ն են այնքա՜ն, որքան հին է մարդկային քաղաքակրթութիւնը: Նո՛ր են այնքան, որքան Երեւանն է նոր եւ Արագածի Լուսաւորչի Կանթեղին լոյսերով նոր աստղեր նուաճող հայ հանճարին լոյսն է թափանցող ու նոր:

Անցեալ չունեցող ժողովուրդները` սեփական կենսունակութենէ զուրկ անհատներու կը նմանին: Կասկածելի եւ շփոթելի ինքնութեամբ: Միա՜յն անցեալ ունեցող, անցեալով ապրող եւ ներկայ չունեցող, ներկան շշնչող ժողովուրդներուն տեղը կամ հասցէն՝ թանգարանն է: Անշփոթելի դիմագիծով դուք զաւակներն էք ժողովուրդի մը, որ ձե՛զ ձեր ցեղային պատկանելիութեամբ հպարտացնող նպաստներ բերած է մարդկային քաղաքակրթութեան եւ ձեզ ոգեշնչո՛ղ էջեր կ’արձանագրէ ժամանակակից պատմութեան էջերուն։ Անոնց գիտակցութեամբը զինուած ու ձեր ազգային անշփոթելի դիմագիծով դարձէք աշխարհի քաղաքացին՝ աշխարհէն առնելով այն, ինչ որ ձեզ արդի մարդու կը վերածէ եւ աշխարհէն տանելով բան մը, որ գուցէ եւ աշխարհի համար նորութիւն է՝ ձեր ազգային ինքնայատուկ մշակոյթին գեղեցկութիւնները:

Հայ դպրոցը՝ այս պարագային Սահակեան – Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճը, ձեզ պատրաստեց յանձնառու Հայեր: Սահակեան Լետն Մկրտիչեան Գոլէճէն ձեր ստանձնած յանձնառութիւնը ձեզ կ’առաջնորդէ այն գիտակցութեան, թէ այսօր հայութիւնը ունի իր շահուած եւ իր վերածնունդը ապրող Հայրենիքը: Բայց ունի նաեւ կորսնցուցած հայրենիք մը: Ապրիլ շահուած Հայրենիքին իրականութեամբ եւ արկածախնդրութիւններէ հեռու, հայավայել վարքով եւ գաղափարապաշտ հայու տիպարով, ապրիլ միաժամանակ մեր կորսնցուցած հայրենիքի երազով ու կարօտով ու զայն վերագտնելու յոյսով, հաւատքով եւ վճռականութեա՛մբ:

Ձեր ներաշխարհին մէջ զգալ ձեր բոլոր նախահայրերը՝ կը նշանակէ մնալ հաւատարիմ ձեր առաջին պարտականութիւնը հանդիսացող եւ հայ դպրոցէն ստանձնած ազգային յանձնառութեան:

«ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ԻՐԵՆՑ ԽՈՅԱՆՔԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԼ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾԸ»

Մեր պատմութեան սերտողութենէն իրազեկ էք արդէն, որ ձեր նախահայրերուն գոյութեան կռուին համար մղած մաքառումները, խոյանքներ էին ճակատագրին եւ անոր խաղերուն դէմ: Հայ կեանքի ներկայ հանգրուանին, լուսաւորել ձեր նախահայրերուն խոյանքը կը նշանակէ նախ ձերը դարձնել անոնց խոյանքը եւ կռուիլ դարձեալ ճակատագրին պարտադրած խաղերուն եւ ուժերուն դէմ: Մեզի պարտադրուած ճակատագիրը, Սփիւռք ըլլալու եւ աշխարհով մէկ ցրուած մնալու ողբերգութիւնը կը պարտաւորեցնէ մեզ, Սփիւռքի հայեր որպէս՝ որ շարունակենք մեր խոյանքը, մեր հայ մնայու գոյութեան կռիւը՝ մինչեւ մեր ազգային երազներուն իրականացման երջանիկ օրը:

Հայրենիքի հայութիւնը եւ իր ղեկավարութիւնը պիտի պահեն ու զարգացնեն մեր միակ ու անփոխարինելի Հայաստանը՝ ամբողջական Հայաստանի ձգտումով, իսկ Սփիւռքի հայութիւնը եւ իր ազգային ղեկավարութիւնը՝ պիտի պահեն Սփիւռքը իր ազգային դիմագիծով եւ մշակոյթով՝ մեր պատմական հողերը վերադառնալու երազով:

Դո՛ւք, սիրելի շրջանաւարտ – շրջանաւարտուհիներ, պիտի ըլլաք շարունակողները հայկական Սփիւռքի ազգային առաքելութեան, հայապահպանման վեհ գործին, այն գիտակցութենէն թելադրուած յատկապէս, որ սկսուած գործ մը, դատ մը, եթէ շարունակող եւ հետապնդող չունենայ, գուցէ սերունդ մը ետք, մոռացումի եւ անտարբերութեան փոշին գայ ծածկելու ամէն ճշմարտութիւն: Մեր ժողովուրդին դէմ գործուած մեծագոյն անիրաւութեան ճշմարտութիւնը ուրացողներ շատ են աշխարհի վրայ: Ձեր պարտականութիւնն է չմոռցուելիք եւ անժամանցելի այդ ճշմարտութիւնը յիշել նախ դուք ձեզի համար, ապա նաեւ յիշեցնել աշխարհին ու մարդկութեան:

«ԵՐՐՈՐԴ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԴ ՅԱՆՁՆԵԼ ԶԱՒԿԻԴ՝ ՔԵԶ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵ– ԼՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸՆ

Կը մնանք հո՛ն, ուր որ էինք, կամ ո՛ւր որ ենք, եթէ մեր նախահայրերուն, նախորդներուն գործը շարունակելով զայն չգերազանցենք: Նոր ոստումներ չկատարենք, նոր վերելքներ չարձանագրենք։ Սերունդ մը՝ իր նախորդ սերունդը, զաւակ մը՝ իր հայրը, աշակերտ մը՝ իր ուսուցիչը գերազանցելու ազնիւ ու առողջ ձգտումով ապրելու եւ իր կեանքը արժեւորելու է: Այլապէս յառաջդիմութիւնը կանգ կ’առնէ, տեղքայլ կ’արձանագրէ: Գիտա-յեղափոխական այս արագընթաց դարուն, տեղքայլը՝ ժամանակէն ու ժամանակակիցէն ետ մնալու, յետադիմելու համազօր է:

Ազգային նախանձախնդրութեամբ եթէ մնալու եւ գոյատեւելու մեր նշանաբանին միացնենք նաեւ մեր ունեցածը զարգացնելու, ուռճացնելու ոճը՝ այն ատեն ապահոված կ’ըլլանք մեր ազգային յառաջդիմութիւնը:

Որեւէ բան պահելով չէ, որ կը զարգանայ, կը յառաջդիմէ: Այլ՝ շարժման մէջ, գործունէութեան մէջ, շինարար ու ստեղծարար ընթացքի մէջ:

Այս սկզբունքէն մեկնելով, դուք, սիրելի շրջանաւարտ – շրջանաւարտուհիներ, մեր մտքի եւ հոգիի զաւակները որպէս, այսօր հանդիսաւոր այս պահուն կը յանձնենք ձեզի, մեզ գերազանցելու պատգամը։ Դուք ալ ձեր հերթին, ազգային յառաջդիմութիւնը ապահովելու նախանձախնդրութենէն թելադրուած, ձեր զաւակներուն, ձեզ գերազանցելու պատգամը կտակեցէ՛ք:

 

23 Օգոստոս 1981

© 2026 Bebo Simonian. All Rights Reserved.