«Արարատ», 15 Յունուար 1980
Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի երկրորդական բաժնի վկայականաց բաշխման հանդէսին, տնօրէն Ընկ. Պէպօ Սիմոնեանի խօսքը:
Հունտեր դրիր, ու ես զանոնք ցանեցի
Եւ ահա՛ հունձքն՝ երկու ափիս մէջ պարփակ . . .
Որքա՞ն քիչ է, եւ եթէ ձեռքս բանամ՝
Գուցէ ոչ ոք ոչինչ տեսնէ, կամ գուցէ
Հովը գտնէ ու վայրկեանին թռցնէ…
Շատերն երբեք չծաղկեցան՝ բայց ոմանք
Այդ հունտերէն գարնան առտու մը ծլան
Եղան ոստեր ու կապեցին դրասանգ…:
Ամբողջն այս է, զայն քեզ սիրո՜վ կ’ընծայեմ…:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Քիչ է մեր առաջին հունձքը։ Բայց երբ հովը գտնէ, չի յաջողիր վայրկեանին թռցնել: Լիբանանի հնգամեայ պատերազմին չարամրրիկ հովերը, արիւնոտ փոթորիկները չյաջողեցան թռցնել եւ ցրուել զանոնք մեր ափերէն։ Սահակեան – Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի ուսումնական օճախէն: Երդիքէ՛ն : Որպէս ազնիւ հունտեր, Գարնան առտու մը ծլան, ծաղկեցան, հասակ առին, մտքով եւ հոգիով աճեցան, ուռճացան՝ ու մեզի հետ տառապելով, մեզի հետ կրելով պատերազմին ծանր հետեւանքները, կուրծք ցցելով բոլոր դժուարութիւններուն դէմ եւ իրենց հարազատ դպրոցին վիճակուած երբեմն անապահով, երբեմն գաղթական առօրեան ապրելէ եւ ճաշակելէ ետք, այսօ՛ր, հանդիսաւոր այս պահուն, ոստեր կազմած ու դրասանգ կապած՝ արժանաւորապէս կը ներկայանան ձեզի, կը ներկայացնեմ ձեզի, խօսքերու այս որայովս՝ որպէս առաջին հունձք Սահակեան – Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի երկրորդական բաժնի: Հունձք մը, որուն հասկերը ատոք են, ոչ միայն երկրորդական ուսման աւարտը յատկանշող ուսման եւ գիտութեան պաշարով, նկարագրի կազմաւորմամբ եւ հայու առաքինութեամբ, այլ մանաւա՛նդ, մարդկային բարոյական արժէքներուն գերագոյնովը, ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ։ Հաւատարմութիւն մը, որ կոփուեցաւ եւ թրծուեցաւ լիբանանեան փորձութիւններուն մէջ։ Շատ էին իրե՛նք ալ: Ու երբ հիմա կը մտաբերեմ շրջանաւարտ այս դասարանին հինգ տարիներ առաջուան քանակը, որ կը հասնէր շուրջ երեսունի, մնացին եօթը միայն, մեզի հետ ։ Շատերը անոնցմէ չծաղկեցան: Իսկ ուրիշներ՝ առաջին հովերէն ցրուեցան։ Դասալքուեցան:
Այսօ՛ր, իրենց յանձնուած վկայականները ո’չ միայն երկրորդական ուսման աւարտը խորհրդանշող մտաւոր աշխատանքի ուսումնական արդիւնքը կը ցոլացնեն, այլ կը դառնան նաեւ հաւատարմութեան վկայագիրներ ։
Տքնեցա՛ն: Չարչարուելով,— եւ մեզ ալ չարչարելով յաճախ,— ուսումնական սանդխամատերէն քայլ առ քայլ բարձրացան, հասնելու համար այսօրուան հանգրուանին, տիրանալու համար իրենց երկրորդական ուսման վկայականներուն։ Բայց , ըսուած է, կեանքի իմաստը բացատրող գրքի մը մէջ. «Ուսումը եւ կրթութիւնը դպրոցական դասերուն վերջանալովը չեն վերջանար. ընդհակառակն, հազիւ թէ այն ատեն կը սկսին եւ մեր կեանքին չափ կը տեւեն»:
Սիրելի շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ, ձեր կեանքը երկար ըլլայ, ոչ սակայն բուսական եւ կենդանական փուճ կեանք մը քարշ տուող մարդոց կեանքին երկարութեամբ, այլ հանրօգուտ նպատակի մը ծառայող իմաստաւորուած եւ լեցուն կեանք մը արժեւորէ՝ իսկ ուսումնական ձեր զարգացնող հետաքրքրութիւնները կեանքի դպրոցին մէջ, ձեր կեանքին չափ տեւէ: Վարձքերնիդ կատար:
Վարձքերնիդ կատար նաեւ, հունձքը որայ առ որայ կապող տքնաջան սերմնացաններ, մշակներ բարի, ուսուցիչներ հա՛յ կամ ոչ հայ։ Սրտի հատնումով, ջիղերու սպառումով, ֆիզիքական մաշումով, մշակեցիք Ձեզի յանձնուած մարդկային հունտերը: Խոպան դաշտերուն մէջ ակօսներ բացող սերմնացաններուն նման, կանգնած յաղթահասակ, ակօսներ բացիք մտքի եւ հոգիի դաշտերուն մէջ։ Հնձուոր մշակին նուիրումով եւ բոլորանուէր ծառայութեամբ գիտութեան լոյսով ակօսեցիք, ձեր հոգիի եւ մտքի զաւակներուն խոպան դաշտերը։ Սերմանեցի՛ք հայկական ինքնութիւնը պայմանաւորող Մայրենի Լեզուի, Հայոց Պատմութեան, հայլ Մշակոյթի եւ Հայրենիքի ոգեկան արժէքներուն ընտիր հունտերը։ Արուեստի ճաշակը դրոշմեցիք իրենց հոգիներուն մէջ: Ձեր վարձատրութիւնը տեսէք, վաղուան Հայ մարդու, իրենց գիտակցական եւ իրապաշտ հայրենասիրութեան ընթացքին եւ կեանքին մէջ։
Լիբանանեան հայրենիքին հայ քաղաքացիները պատրաստեցիք՝ Արաբերէն լեզուի, արաբական Պատմութեան եւ Մշակոյթի արժէքները ձուլելով հայ ուսանողի իրենց էութեան մէջ։
Տուիք բանալին, արդի գիտութեան նուաճումները ընկալելու զարգացման եւ հասունութեան:
Բացիք դռները օտար մշակոյթի եւ լեզուի, միջազգային պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան անդաստաններուն ։ Տալով միաժամանակ գիտակցութիւնը այն իրողութեան, որ արդի հայ մարդը չսահմանափակուի իր ազգային նեղ շրջագիծով, այլ միշտ բաց ու հաղորդ մնայ՝ օտար մշակոյթներու գեղեցկութիւններուն եւ արժէքներուն դիմաց։
Ու. ինչ որ են այսօր, ամավերջի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան բեմը զարդարող հունձքին եօթը այս ոստերը, Ձեր կամ ձեզմէ առաջ ուրիշ ուսուցիչներու հոգիի եւ մտքի ջամբումներուն, սրսկումներուն բերքն են։
Վարձքերնիդ կատար, մտքի եւ հոգիի լուսաւորիչներ։ Վարձքերնիդ կատար, Ձե՛զ, Հայ ծնողներ։ Եթէ այսօր, այս պահէն ետք, որպէս դպրոց եւ ուսուցիչ, մեր պարտականութիւնները իրենց լրումին կը հասնին, մեր դպրոցէն ներս, ձեր զաւակներուն ուսումնական կեանքին վախճանակէտով, ձեր պարտականութիւնները նոր սկիզբ մը կը բոլորեն ծնողական պատասխանատուութիւններու նոր լուծերով, նոր բեռներով, բազմագոյն եւ բազմաձեւ յօդերով: Բայց ձեր վարձքը նաեւ, իր կատարին հասնի, կեանքի կամ ուսումնական նոր ասպարէզին մէջ ձեր զաւակներուն ունենալիք բաղդաւորութեամբ: Յաջողութեամբ։ Թող ըլլան անոնք ձեզի, վարձահատոյց զաւակներ։ Չըլլան երբեք երախտամոռ այն բարիքներուն, այն վայելքներուն համար, որ յաճախ ինքնազրկումով, զոհողութեամբ ջանացիք տալ, ինչ որ Ձեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ էր։ Բայց հայ մօր եւ հայ հօր պատմութիւնը վկայ՝ որ հայ ծնողքը անկարելին կարելիի կը վերածէ՝ յօգուտ իր զաւկին ապահով եւ առողջ աճումին եւ ուսումնական զարթօնքին:
Գիտակից էինք եւ ենք ձեր ծնողական դառն առօրեային, լիբանանեան պատերազմի դաժան տարիներու ընթացքին: Այս գիտակցութեամբ ալ, ապաւինելով Սահակեան – Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի սեփականատէր, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան օժանդակութիւններուն, չնեղեցինք ձեզ, չդժուարացուցինք ձեր պարտաւորութիւնները։ Որովհետեւ, ծանր էին ու դժուար նաեւ, ձեր ծնողական պարտաւորութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները։ Եկած էք այսօր, յանձն առնելու մեզմէ, մեր ուսանողները հանդիսացած ձեր զաւակները։ Շնորհակալութիւն ամէն բանէ առաջ, այն վստահութեան համար, որ ցուցաբերեցիք ձեր զաւակներուն մարդակերտումի եւ հայակերտումի օճախին հանդէպ ։
Ու քիչ ետք յանձնելով ձեր զաւակները, ձեզ կը դնենք նաեւ նոր յանձնառութեան տակ: Որպէս հայրեր եւ մայրեր, տէր կանգնեցէք ձեր զաւակներուն՝ դպրոցէն ներարկուած ազգային առողջ դաստիարակութեան, լիբանանեան հայրենիքին հաւատարիմ քաղաքացիներ մնալու գիտակցութեան եւ բարոյական այն արժէքներուն, ՈՐ ՄԱՐԴԸ ՄԱՐԴ ԿԸ ՊԱՀԷ: Վարձքերնիդ կատար :
Աշակերտ, շրջանաւարտ, ուսուցիչ եւ ծնողք, եկէք հանդիսաւոր այս առիթով, մեր վայելքին արդարօրէն մասնակից ըլլալու համար հրաւիրուած եւ հունձքին հոգացման, խնամքին, պաշտպանութեան համար արժանի դեր վերցուցած հովանաւորներուն եւս, միասնաբար ըսենք, վարձքերնիդ կատա՛ր:
Հունձքը առանց վերին հովանաւորութեան եւ հայրական գուրգուրոտ խնամքին, չ’աճիր անկասկած։ Չի տոկար: Կը կքի շուտով…:
Վարձքերնիդ կատար, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան հիմնադիր` անհետացած կամ ապրող եւ գործող անդամներ, խնամակալութեան հին ու նոր նուիրեալ անձեր, կամ Տիկնանց Օժանդակ ժրաջան անդամուհիներ՝ ձեր երկարաշունչ նուիրումին, աշխատանքին եւ զոհաբերութեան մարմնացումը ըլլալու իրողութենէն բացի, այս բազմածախս եւ բազմատարած արդիական շէնքը եւ Կրթութեան Մայր հաստատութիւնը վիճակուեցաւ ձեզի՝ զայն կանգուն պահելու եւ տեւականացումը ապահովելու դժուար, բայց քաղցր պարտականութիւնը: Կրթանուէր առաքելութիւնը։
Հին Սահակեանի ենթահողին վրայ, բարձրացուցիք բնութեան գեղեցիկ այս անկեան մէջ, լիբանանեան ասպնջական այս հողին վրայ, բարձրացող նորահաս հայ սերունդներու դաստիարակութեան որպէս վառարան: Վառարան մշակոյթի եւ կրթութեան:
Չխնայուեցաւ մշակոյթի եւ կրթութեան այս վառարանին ալ։ Քանդուեցաւ, բայց հայու հաւատքով վերանորոգեցիք: Սպահովեցիք նուիրեալ ջանքերով, անոր անարգել երթը։ Մատակարարեցիք անոր նիւթական կարիքները։ Ոչ մէկ Հայ ուսանող ուսումէ զուրկ չպահելու բարեսիրական բարձր սկզբունքը՝ գործնականապէս կիրարկեցիք, լայն բանալով Սահակեան – Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի դռները, իրեն դիմող աշխատաւոր, կարօտեալ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու ուսումնատենչ զաւակներուն առջեւ։
Չկայ աւելի մեծ մարդասիրական ծառայութիւն, քան հայ ազգային գործիչի ձեր ջանքերը ի սպաս դնել Հայկական Սփիւռքի այս կարեւոր հաստատութեան դռները միշտ բաց պահելու ուսման բարիքին, լոյսի այս օրրանին դիմող, նո՛ր սերունդներուն առջեւ։
Ձեր եւ մեր Խաչն է: Քաղցրօրէն եւ արիաբար պիտի կրենք զայն: Իր շուրջ համախմբուած բոլոր մարմիններու ներդաշնակ աջակցութեամբ՝ որպէս գերագոյն նշանաբանի մը, բարձրագոյն սեւեռակէտը։
Բայց վարձքերնիդ կատար, ցարդ այդ խաչը, Հայկական Սփիւռքի կրթանուէր առաքելութինը կրելնուղ համար։
23 Յունիս 1980