«Արարատ» – Ուրբաթ, 25 Մարտ 1983
Սահակեանի 60 ամեակի յոբելինական հանդիսութիւններու մեկնակէտ ծառայող ուսուցչաց օրուան ձեռնարկը՝ կը յատկանշուի իւրայատուկ իմաստով։ Նշանակալից խորհուրդով:
Իմաստով մը, որ կ’արժեւորէ ուսուցիչին առանցքային դերը դպրոցէն ներս՝ մարդակերտումի, մա՛րդ քաղաքացիի եւ հայոց պարագային՝ հայու պատրաստութեան մէջ։
Սահակեանի 60-ամեայ կրթական հունձքին եւ բերքին սերմնացանները կը հանդիսանան անոնք, որոնք Սահակեանի յարկին տակ նուիրումով, կոչումով, հաւատքով եւ գաղափարապաշտութեամբ լոյս ու գիտութիւն, մարդկայնութիւն եւ հայեցիութիւն, լիբանանցիութիւն եւ հայրենասիրութիւն ջամբեցին ու կը ջամբեն վեց տասնամեակներու վրայ տարածուող եւ իր գրասեղաններուն առջեւէն անցած ու անցնող հայ սերունդներուն: Յառաջացուցին Սահակեանցիներու ինքնայատուկ դրոշմով յատկանշուող հայրենասէր սերունդները։
Այդ ուսուցիչներէն, գաղափարի եւ հայրենասիրութեան որմնացաններէն շատեր, մեր հետ չեն այսօր, մեկնած են այս աշխարհէն իրենց ներշնչող անունը եւ անմոռանալի վաստակը ձգելով Սահակեանի եւ Հայկական Սփիւռքի պատմութեան մէջ:
Այսօր, ՊԱՏՈՒՈՅ ԳԻՐ-ի արժանացողները, Սահակեանի հին ու նոր, իրենց կրթական ծառայութիւնը շարունակող կամ շարունակած ուսուցիչներու ներկայացուցիչները կը հանդիսանան, իրենց ներկայացուցչական հանգամանքով: Երէցներէն իրենց փոխանցուած կրթական առաքելութեան ջահը շարունակելու կոչուած ներկայացուցիչներ:
ՊԱՏՈՒՈՅ ԳԻՐ-ի արժանացողներուն գլուխը կը կանգնի ապրող, բայց ծառայութենէ դադրած մեր ալեհեր վաստակաւորը, կրթական բազմարդիւն մշակը՝ Բենիամին Ժամկոչեան, որուն անունը նոյնացած կը մնայ Սահակեանի կիսադարեան պատմութեան հետ եւ կը շնչէ երախտապարտ բոլոր Սահակեանցիներու հոգիին եւ գիտակցութեան մէջ:
Ուսուցչութիւնը ասպարէզ մըն է, որուն գիտակցօրէն, կոչումով եւ ներքին ձայնով փարած հաւատաւորը չի զղջար երբեք իր ասպարէզին ընտրութեան համար: Սխալ ակնկալութիւններ չի պատկերացներ: Ա՛յլ, բանաստեղծին պէս կը հարցադրէ միայն.
Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին տարօրինակ այն միայն,
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն:
Ուսուցիչը այն է, որ իր տուածով եւ իր ինքնաբաշխումով երջանիկ կը զգայ ու կ’ապրի։ Շնորհակալ ենք անոնցմէ, որ մեր տուածին եւ տակաւին տալիքին արժէքն ու կարեւորութիւնը հաստատելով, բարձր գնահատելով եւ ընդգծելու համար զայն, սոյն հանդիսութեամբ պատուեցին եւ յարգեցին մեր ուսուցչական վաստակը:
13 Մարտ 1983