ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՀԱՐՑԵՐ

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՀԱՐՑԵՐ
BEBO SIMONIAN
HUMAN RIGHTS ISSUES
(ESSAYS)

BEIRUT – LEBANON
ՊԷՅՐՈՒԹ – ԼԻԲԱՆԱՆ 1994

 

Եւ իսկապէս. խնդիրներ, խնդիրնե՜ր այս քսաներորդ դարում: Դժուար, նոյնիսկ օրհասական խնդիրներ, որոնք քուլայ-քուլայ բարձրանում են տագնապած դարի ծխնելոյզից, եւ դարի հոգեբանական օդն է ծանրանում, այսպէս ասած, անդադրում խնդրայնութեան շամանդաղով։ Եւ այդ շամանդաղը, գուցէ ի տարբերութիւն ուրիշ դարերի, թափանցում է բոլոր հոգիների մէջ. ու մարդկային ցեղը, առհասարակ, կորցնում է կեանքի թարմութեան զգացողութիւնը։ Եւ բուն վտանգը այդ չէ՞, արդեօք:
ԿԱՐՊԻՍ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆ

ՓՈԽԱՆ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ
ՄԱՐԴԸ ԻՐ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՐԵԼՈՒ՝
ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

«Ի՞նչ է մարդը, որուն մասին կը մտածես, պարզ մարդը, որուն համար կը հոգաս, սակայն դուն զայն միայն քեզմէ է որ ստորադաս ստեղծած ես: Դուն թագադրած ես զինք փառքով եւ պատուով. նշանակած ես իշխան քու ստեղծած ամէն բաներուդ վրայ. դուն զայն դրած ես քու ամբողջ ստեղծագործութեանդ վրայ։»
(Հին Կտակարան, Սաղմոս 8)

«Գեղեցիկ է Արուեստի Ստեղծագործութիւնը, բայց գեղեցկագոյն է կենդանի Մարդը, նորա հոգին, նորա անձը»։
(Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց – “Դէպի Լոյս Եւ Կեանք”)

«Աշխարհի մէջ մեծ բաներ շատ կան, բայց Մարդէն աւելի մեծ ոչ մէկ բան կայ»։
(Սոփոկլես)

«Աշխարհի մէջ չկայ կրօնք մը, որուն մէջ այնքան բարձր ըմբռնուած եւ յարգուած ըլլայ մարդու արժանապատուութիւնը (dignity) որքան քրիստոնէութեան մէջ։ Առաջին իսկ դարէն քրիստոնէութիւնը պաշտպանեց ընկերութեան կողմէ մարդկային արժանապատուութենէն զրկուած մարդը։ Յայտարարեց մարդուն հաւասարութիւնը ցեղային, դասակարգային գետնի վրայ, առանց խտրութեան ազգի, դիրքի, սեռի եւ այլ ընկերային հանգամանքներու»
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

1948-էն ասդին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ, 10 Դեկտեմբերը որդեգրուած է՝ որպէս Մարդկային Իրաւանց տօն։ ՄԱԿ-ը չէ բաւարարուած միայն Դեկտեմբեր 10 հռչակելով Մարդկային Իրաւանց տօն՝ այլ իրեն համար սկզբունք որդեգրած է հետապնդել մարդու արժանապատուութեան ամրապնդումը, ցեղային խտրականութեան ջնջումը, մարդոց մէջ հաւասար իրաւունքներու հաստատումը։ Առաջին յօդուածին մէջ իսկ կը նշէ. «Բոլոր մարդիկը կը ծնին ազատ եւ հաւասար»:
Տեսականօրէ՛ն առած, որքա՜ն ճշմարիտ nւ գեղեցիկ են արձանագրուած գաղափարները…: Բայց միա՜յն տեսականօրէն…։ Գործնականին մէջ, սակայն, “ազատ ծնող ” մարդիկը ազատ չեն պահուիր, մտքի, հոգիի, մարմնի կապանքներ կ՚անցուին եւ անհաւասարութեան խրամատներ կը բացուի՛ն…։
Որեւէ՛ գերութիւն՝ գերութիւն ըլլալէ չի դադրիր…։
Աշխարհի ծագումէն ասդին, աշխարհի եւ մարդկութեան ճանչցած բոլոր կրօնքներն ու վարդապետութիւնները, ընկերային ու գաղափարախօսական դրոյթները կը դաւանին մարդը կեանքի գերագոյն արժէք. Մարդը՝ կեանքի մեծագոյն դրամագլուխ։ Ու տեսականօրէն դարձեալ կը ձգտին մարդը ապրեցնել իր արժանապատուութեամբ եւ զայն պահել մարդկային արժանաւորութեամբ…:
Չէր բաւեր կարծես ընկերային բռնութիւններով, մարդկային անարդարութիւններով, արտադրողական ուժերու ստեղծած բարիքներուն անհաւասար բաշխումներով եւ մարդկային շահագործումներով Մարդուն պարտադրուած ստրկութիւնը՝ 20-րդ դարու վերջին քառորդին մարդկութիւնը կ՚ապրի գիտա-յեղափոխական դարաշրջանի նուաճած թեքնոլոժիի մը ստրկութեան եւ մարդկայնութեան կորուստին տագնապը։ Ապրելակերպի եւ ապրելու ոճի նոր ըմբռնումներ տիրական սկսան դառնալ, ճարտարարուեստականացած երկիրներու մէջ մասնաւորաբար։
Մարդուն մեքենականացումը եւ մեքենականացմամբ թեքնիկի ստրկութիւնը՝ ո՛չ միայն մտահոգութիւնը կը կազմէ արդի ընկերութեան, այլեւ կը մղէ տարբեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու գրագէտները, որ իրենց գրականութեամբ ԱՀԱԶԱՆԳ հնչեցնեն…:
Այսպէս՝ ռումանացի ժամանակակից գրագէտ Վիրճիլ Կէօրկիու իր “Քսանհինգերորդ ժամը” վէպին մէջ իր մարդկային ճիչի՛ն մարդկայնապաշտութեան խոր շունչ մը տալով կը յարէ.
«… Վրայ կու տանք մարդկութիւնը եւ տակաւ առ տակաւ կ՚իւրացնենք թեքնիկ-ստրուկներու կեանքի ոճը։ Աղետալի մտայնութիւնը կը սկսի անկէ, որ մարդիկ կը հաւատան, կը համոզուին տակաւ, որ մարդկային ընկերութիւնը մարդերէ աւելի մեքենաներու եւ թեքնիկ յառաջդիմութեանց պէտք ունի։ Բացայայտ է, որ կ՚ապրինք մարդկային պատմութեան ամէնէն մութ շրջաններէն մէկը։ Ո՛չ մէկ ժամանակաշրջանի մէջ մարդիկ այսքան նուաստ ու անարժէք նկատուած են»:
Նոյնպիսի ճիչ մը կ՚արձակէ նաեւ ամերիկացի արդի բանաստեղծ մը, Փիթըր Վիրէճ՝ հետեւեալ տողերու մէջ. «Մեքենականացումը կեանքի անանուն թշնամին է մարդուն։ Ներկայիս յեղափոխութիւն մը տեղի ունենալու վրայ է աշխարհի վրայ. յեղափոխութիւն մը, որ քաղաքական չէ, այլ հոգեկան, ներքին յեղափոխութիւն մը: Պատճա՞ռ: Դժգոհութեան, ձանձրոյթի։ Դժգոհութիւն մարդուն մեքենականացումէն, թեքնոլոժիէն»:
Արդի մարդը իր կեանքը արժանաւորութեամբ ապրելու համար երկու մակարդակի սպառնալիքներ դիմագրաւելու է։ Մարդկային անհատականութեան արժեզրկումը եւ թեքնոլոժիի ստրկութիւնը։
Ամէն բանէ առաջ, մարդը՝ նախքան որեւէ կրօնքի եւ վարդապետութեան յարումը, ինք պէտք է ըլլայ նախանձնախնդրօրէն հետամուտը, իր անփոխարինելի արժանաւորութեան յարգումին։ Ամէնէն համեստ մակարդակէն, բարձրագոյն մակարդակի վրայ, մարդը՝ պաշտօնեայ ըլլայ կամ շարքային ծառայող, սպասաւոր ըլլայ կամ հասարակ զինուոր, զօրավար ըլլայ կամ նախարար -, չքծնի իր մեծաւորին առջեւ, յանուն ինչի կ՚ուզես թող ըլլայ, չստրկանայ, չստորնանայ։ Պարտադրէ իր մարդու արժանաւորութիւնը, մարդկային անհատականութիւնը։ Ի՜նչ լաւ բնորոշած է Վիքթոր Ռոզով. «Պաշտպանել, պահպանել սեփական արժանապատուութիւնը, որը իւրաքանչիւրին տրուած է բնութեան կողմէ եւ կախուած չէ պաշտօնէն, կոչումէն, մեքենայ եւ ամարանոց ունենալէն,— մարդու անմիջական, կենսական պարտականութիւնն է»։
Իսկ հակադիր ուղղութեամբ՝ թագաւոր ըլլայ կամ նախագահ, պետութիւն ըլլայ կամ կուսակցութիւն, պաշտօնի բերումով իրեն ծառայութեան կամ գործակցութեան մէջ գտնուող մարդը կամ ժողովուրդը փոքրաւորի եւ ստորադասի տեղ դնելով չճնշէ, չարհամարհէ, չանտեսէ, չարժեզրկէ, չոտնակոխէ: Կամ՝ անմարդկայնօրէն չզգետն է…: Յարգէ իր փոքրաւորին կամ պաշտօնեային մարդու արժանաւորութիւնը։ Ժողովուրդին մարդկային իրաւունքները: Որովհետեւ ըստ փիլիսոփայ Հեգելին. «Ուրիշին յարգելով մարդ կը յարգէ ինքնիրեն։ Ասկէ կը հետեւցուի թէ անհատի մը իրաւունքին խախտումը, բոլորի իրաւունքի խախտումն է»:
Եթէ մէկ կողմէ ընկերային բռնութիւնները, բայց միւս կողմէ պատերազմները մեծագոյն չարիքներն են մարդկութեան, ո՛չ միայն մահուան սպառնալիքով, այլեւ՝ մարդու բարոյազրկումով, ոչնչութեան վերածումով, արժէքներու վերիվայրումով, անհատականութեան խաթարումով։ Ահաւոր կերպով այլանդակումով…: Այլանդակուած մարդը կը կորսնցնէ սեփական արժանապատուութեան ամէն զգացում, պատիւ, բարոյական եւ ամօթ…
Դժուար կ՚ըլլայ նման ընկերութեան մը մէջ ապրիլը։ Արժանապատուութիւն պահելը։ Ահա թէ ինչո՛ւ պատերազմներէ վերջ, ժողովուրդներ կամ երկիրներ կ՚ապրին ընկերային եւ բարոյական տագնապ։ Մարդու տագնապ…։ Մարդկայինի տագնապ… Մարդկային արժանապատուութեան կորուստին մտահոգութիւնը…:
Լիբանան իր շատ մը տագնապներուն հետ, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային ու կրթական, սուր կերպով կ՚ապրի այս մէկը եւս։ Մարդը՝ իր քաղաքացին, իր սեփական արժանապատուութեամբ պահելու կենսական պահանջքը։
Մարդու արժանապատուութեան պահպանման պահանջքը մեծ ըլլալով, լիբանանեան ողբերգական իրականութեան մէջ, անոր վերահաստատման պարտականութիւնը միայն պետութեան ու կառավարութեան վրայ չի ծանրանար, այլ նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի, կրթական հիմնարկի, հաւաքականութեան եւ անհատի։ Իրենց կրօնքով յատկանշուող կրօնական համայնքներուն…:
Մարդ էակը բնական ձգտումով, կը փնտռէ ա՛յն երկիրը, այն ընկերութիւնը, որ իրեն կը շնորհէ մարդու արժանաւորութեամբ ապրելու պայմանները… եւ մարդկային արժանապատուութիւնը պահելու միջոցները…: Նիւթական թէ բարոյական իմաստով։
Որեւէ երկրի ու ընկերութեան համար չկայ աւելի մեծ ու գերագոյն նպատակ՝ քան մարդու ազատ ծնելէ ետք, անոր անկաշկանդ աճման ու զարգացման ապահովումը եւ իր երկրի բարիքներէն հաւասարապէս օգտուելու պատեհութեան ստեղծումը…:
Մարդ աշխարհի վրայ մէկ անգամ պիտի ապրի, եթէ չենք սխալիր, ա՛ն ալ կ՚ուզէ մարդու պէս ապրիլ, արժանաւորութեամբ ապրիլ, արժանապատուութեան տէր մնալ…: Մարդկային կեանքին իմաստը արժանապատուութիւնը համարող ֆրանսացի գրագէտ Անտրէ Մալրօն ամբողջ կեանք մը եւ գրականութիւն մը նուիրեց անոր։
Մարդու արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեան պահպանման պայքարը՝ պայքարի դաշտ կը բանայ մարդուն առջեւ։
Այլապէս, ամէնէն ահաւոր եւ ծանր բանը՝ հիւմանիստ մարդուն համար, ականատես ըլլալն է ցաւալի եւ դժխախտ իրողութեան մը՝ Մարդու կործանման հետ, անոր բարոյական անկումին…։

23 Նոյեմբեր, 1979

 

ՄԱՐԴՈՒՆ ՓՆՏՌԱԾԸ

«Պետութեան նպատակը լաւագոյն կեանքի կերտումն է, եւ ասոնք են անոր պայմանները։ Եւ պետութիւնը գիւղերու եւ ընտանիքներու միութիւնն է, կատարեալ եւ ինքնաբաւ կեանքի մը մէջ, որ կը նշանակէ երջանիկ եւ պատուաւոր կեանք մը»։
ԱՐԻՍՏՈՏԵԼ

10 Դեկտեմբեր է այսօր: Մարդկային իրաւանց օր…:
Մարդը՝ ի՛նչ գոյնի, ցեղի՛ եւ կրօնքի՛ ալ պատկանի, կեանքէն ու աշխարհէն փնտռածը հասարակաց եզրեր կ՚ընդգրկէ։ Ընդհանրական են աշխարհի բոլոր մարդոց համար։
Մարդ՝ անկախ իր կամքէն կը ծնի՝ ապրելու համար: Բարօր կեանք մը ունենալու համար։ Ունենալու համար մանաւանդ հնարաւորութիւնը ինքզինք զարգացնելու, ու, կատարելագործելու, իրագործելու։ Մարդկային արժանապատուութեամբ ապրելու։
Տակաւին, մարդ ինքզինք իրագործելէ բացի, ընտանիքին ծառայելէ անկախաբար, կը ձգտի պիտանի դառնալ մարդկային ընկերութեան, իր նմանին, հայրենիքին։
Բայց այս բոլորը կախում ունին մարդու ապրած միջավայրէն, պայմաններէն, կեանքի բարելաւուած յարմարութիւններէն։
Մարդու հանդէպ պետական կառոյցներուն վերաբերումէն։
Մարդկայնական քաղաքականութենէն։ Ազնի՛ւ մտադրութենէն…։
Մարդուն, որպէս քաղաքացի փնտռած առաջին յատկանիշը իր ապրած երկրի պետական կառոյցէն մարդկայնական վերաբերումն է իր քաղաքացիներուն նկատմամբ։ Վերաբերում մը, որ քաղաքացին արժանացնէ “պատուաւոր կեանք մը” վարելու։ ու: Պատուաւոր ու երջանիկ կեանք մը ապրելու առաջնահերթ տուեալ ինքնաբաւութիւնն է:
Առա՛նց կեանքի մէջ ինքնաբաւութեան, առա՛նց մարդու ինքնաբաւ դառնալուն ոչ մէկ մարդկային ձգտում եւ երազ կ՚իրագործուի…: Հին աշխարհի մտածողներէն փիլիսոփայ Արիստոտելի բանաձեւած մտածումները այսօրուան աշխարհին կեանքին ալ կը վերաբերին. «Պետութեան նպատակը լաւագոյն կեանքի կերտումն է»: Հետեւաբար մարդ-քաղաքացիին առաջին փնտռած բանը իր ապրած երկրի պետական կառոյցէն՝ զինք ինքնաբաւութեան հասցնող ընկերային բարօրութիւնն է, մարդավայել կեանքի պայմաններ շնորհող ապրելակերպը։
Մարդուն տարրական իրաւունքն է ասիկա։ Մարդկային իրաւունքի արդար պահանջք մը, որ հինէն ի վեր, չգոհացուելու պարագային պոռթկումներ կ՚ունենայ։ Կը դժգոհի, կ՚ընդվզի, կ՚ըմբոստանայ եւ կը ծառանայ՝ երբ իր մարդկային պահանջքներուն, մարդավայել կեանք ապրելու բնական փափաքներուն գոհացում չգտնէ…: Մանաւա՛նդ, երբ տեսնէ իր երկրի արտադրութիւններուն անհաւասար բաշխումը, տնտեսապէս մենաշնորհեալ դասակարգերու յառաջացումը…:
– Ի՜նչ երկիր, ի՜նչ պետութիւն, ի՜նչ կառավարութիւն՝ եթէ կարողութիւն չունի իր քաղաքացին մարդու պէս պահելու, մարդավայել կեանքով ապրեցնելու…:
Մարդ-քաղաքացին մարդավայել, ինքնաբաւ կեանքի տէր դառնալէ առաջ… եւ ետք… կը փնտռէ Ապահովութիւն: Մարդուն ապահովութեան ցանկութիւնը այնպիսի պահանջք մըն է, որ նախնադարեան մարդէն ի վեր կը շարունակուի, ինքնապահպանման ուժեղ բնազդով։ Հոգեբանութիւնը եւ գիտութիւնը միասնաբար հաստատած են, որ մարդուն մէջ ամէնէն ուժեղ բնազդը՝ ինքնապաշտպանութեան բնազդն է։ Ինքնապաշտպանութիւն՝ արտաքին ամէն տեսակ կեանքին սպառնացող վտանգներուն դէմ։ Պատերազմ։ Քաղաքացիական կռիւ: Առեւանգում։
Ահաբեկչութիւն։ Ոճրագործութիւն։ Աւազակութիւն։ Թալան։
Ու կողոպուտ։ Նոյնիսկ բնութեան բնական բարկութիւններուն կամ աղէտներուն դէմ։ Երկրաշարժ։ Սով ու երաշտ։ Ողողում։
Հացի, ջուրի, լոյսի եւ օդի չափ, եւ անոնցմէ առաջ մարդը կը փնտռէ ապահովութիւն։ Ապահով անկիւն մը՝ աշխարհի մէջ…:
Խաղաղ ու անդորր կեանքի մը ապահովումը կը սպասէ իր ապրած կեանքի պետական կառոյցէն։ Մարդկային կեանքի անվտանգութիւնը՝ ներքին, արտաքին եւ բնութեան աղէտներուն դէմ չկարենալ պաշտպանող եւ իր անզօրութիւնը զգացնող պետութիւն մը՝ կը կորսնցնէ իր իր քաղաքացիներուն վստահութիւնը։
Մարդ-քաղաքացին կը մտածէ լքել “Անապահովութեան հովիտը” եւ իրեն համար կը փնտռէ ապահով անկիւն մը՝ աշխարհի մէջ։
Այնպիսի քաղաքակրթութիւն մը, ուր՝ մարդը մարդուն գազան չէ՜…։
Աշխարհի մէջ ապահով անկիւն մնա՞ց,— ինչո՛ւ, – կը յարէ աշխարհաքաղաքացի մարդը։ Մարդը այսօր, աշխարհի ամէն անկեան մէջ, կծկուած ջրածնային պատերազմի վտանգին վախէն, բռնուած անոր դողով կ՚ըսէ.

– Ի՜նչ ՄԱԿ, ի՜նչ Ապահովութեան Խորհուրդ՝ երբ Մարդկային Իրաւանց օր հաստատող աշխարհի մեծերը կը հրահրեն պատերազմի վառօդը…:
Ու Ապահովութիւնը կենսականօրէն կը շարունակէ մնալ մարդկութեան երազը։ Մարդուն փնտռածը…:
Մարդ-քաղաքացին կեանքի ապահովութիւնը գտնելէ ետք, իրեն մարդավայել եւ ինքնաբաւ կեանք շնորհող գործի ու աշխատանքի ասպարէզ կը փնտռէ։ Ի՛ր՝ աշխատելու եւ գործելու կարողութիւն ունեցող քաղաքացիին համար, աշխատանք ու գործ չկարենալ հայթայթող պետութիւնը թերի ու վիրաւոր է իր մարդկայնական կառոյցով ու հիւա՛նդ՝ ընկերային դրուածքով։ Ու մարդ-քաղաքացին աշխատանք ու գործ փնտռելու հեռանկարով կը լքէ երկիր, հայրենիք, ընտանիք…։ Գործազրկութիւնը՝ երկրի մը պետական կառոյցին ախտանիշն է։ Պետութեան նպատակը պիտի ըլլայ իր քաղաքացիներուն գործազրկութենէ փրկումը։ Այլապէս գործազուրկները, այլ զրկուածներուն հետ կ՚ազատագրեն պետութեան փտած ու հիւանդ կառոյցը…։
Իր ապրած երկրին մէջ մարդուն փնտռածը կը մնայ իր կարողութիւններուն, մասնագիտութեան եւ նախասիրութիւններուն համապատասխան գործը։ Ասպարէզը։ Եթէ մարդը հիւանդ չէ… ի բնէ ծոյլ ու հացկատակ չէ…։
Բայց, եթէ այսօր աշխարհի բոլոր երկրամասերու (ներառեալ անտեսուած) անկիւններուն վրայ “Մարդկային Իրաւանց” մարմիններու լուսարձակները բացուին, պիտի հաստատեն իրաւամբ թէ.
Աշխարհի մէջ որքա՜ն մարդիկ կան այսօր, որ անօթի կը պառկին ամէն գիշեր…։
Աշխարհի մէջ որքա՜ն աշխատիլ փափաքող անհաշուելի մարդեր կան, որոնք անգործ կը մնան… կամ կը պահուին…։
Աշխարհի մէջ վխտացող երեխաներ կան, որոնք տգիտութեան ճանկերուն կամ փողոցներուն մէջ կը սլքտան եւ դատապարտուած են մնալու դպրոցազո՛ւրկ…։
Ինչքա՜ն շատ է թիւը աշխարհի մէջ այն մարդերուն, որոնք անպատսպար՝ չունին իրենց մարմինները ջերմացնող տաք օճախ մը…։
Իր երկրի եւ աշխարհի իր երկրի նմանող կացութիւններուն ի տես, Ճաւահարլալ Նեհրուն (հնդիկ մտածող, վարչապետ
Հնդկաստանի, այժմ մեռած) կը ճչար այսպէս.
«Ես գործ չունիմ կրօնական կամ որեւէ այլ հիմնարկութեան հետ, որ ժողովուրդը չի պատրաստեր, որպէսզի ան կարենայ աւելի երջանիկ ու քաղաքակրթուած ըլլալ եւ տէրը դառնալ իր բախտին եւ հրամանատարը՝ իր հոգիին»:
Ու ի՜նչ կայ աւելի մարդկային ու մարդկայնական բան՝ քան աշխարհի երեսէն նուազեցնել մարդկութեան ամօ՛թը՝ անօթիներու քանակը…:
Ի՜նչ կայ աւելի վեհ նպատակ երկրի մը պետութեան համար, քան իր հովանիին տակ գտնուող քաղաքացիներու շարքերէն անգործներու թիւին նուազումը, կամ ամբողջութեամբ վերացումը…։
Ի՜նչ կայ աւելի ազնիւ ձգտում՝ քան դպրոցազուրկ երեխաներու համար բացուած լոյսի վառարան մը…:
Կա՞յ աւելի մարդասիրական նուիրում ու ծառայութիւն՝ (ո՜ղջ ըլլար եւ հարց տրուէր Ալպէր Շուայցըրին) քան անկար հիւանդին բուժումը, անկեալ եւ անպաշտպան մարդու մը բարձրացումը, անպատսպար մարդկային խլեակի մը պատսպարանով պաշտպանութիւնը…։
Չկա՛յ աւելի մեծ կոչում՝ քան մարդուն ծառայելը…։
Գտնէ կամ չգտնէ մարդուն փնտռածը այն է որ, չճզմուի արդի մեքենական քաղաքակրթութեան գլաններուն տակ…։
Մարդը անվերջ պիտի փնտռէ իր մարդկային դիմագիծը լուսաւոր պահող ընկերութիւնը…:
Մարդը՝ պիտի հեռանայ հոնկէ, ուր անգոյն ամբոխին մէջ կորսուելու վտանգը տեսնէ ու ապրի… կամ ընկերութեան մէկ պտուտակը դառնալու վիճակին դատապարտուի…։
Մարդուն փնտռածը մարդու արժէքը հաստատող եւ ջատագովող բարոյական սկզբունքներն են։ Մարդը կեանքին եւ ընկերութեան գերագոյն արժէքը դաւանող մարդկայնական շունչն է մարդուն փնտռածը…: Ամէն բանէ առա՛ջ…:
25 Նոյեմբեր, 1981

 

ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԵԶՐԿՈՒՄԸ ՄԵՔԵՆԱԿԱՆ ԴԱՐՈՒՆ

«Ես մտադիր չեմ աղիւսակներով յագեցուած մեքենայ դառնալ»։
Զաւէն Սիւրմէլեան «98,6» վէպէն

Հիւլէական ռումբերու սպառնալիքը չէ միա՜յն, որ արդի մարդը տագնապահար անձկութեան մէջ կը պահէ, այլ՝ մարդուն արժեզրկումը մեքենական դարուն։ Մարդուն մեքենականացումը եւ մեքենայով փոխարինումը չեն կրնար անտարբեր ձգել մարդկային ճակատագրով մտահոգ աշխարհի ընկերային եւ պետական կառոյցները։ Ընկերութեան՝ մարդկային ու մարդկայնական զգայնութիւններուն բազկերակը հանդիսացող զգայուն էակները՝ արուեստագէտները…:
Մարդուն մեքենականացումը, որ մտահոգիչ համեմատութիւններու հասած է ճարտարարուեստականացած եւ “թեքնոլոժի”ով յառաջացած մեծ երկիրներու մեծ քաղաքներուն մէջ՝ մարդը կը պարպէ իր էատարրերէն։ Մարդուն մէջ կը ցամքեցնէ այն բոլոր կենսահիւթերը, որոնք մարդուն բարոյական արժէքը կը կազմէին, մարդը օժտելով հոգիով, հոգեկա՛նով…: Հոգին հոգեկանով օժտող արժէքներ էին եւ ե՛ն մարդկային սիրոյ ջերմութիւնը. մարդը մարդուն հարազատ պահող զգայնութիւնը, մարդէ մարդ ծաւալող հաղորդականութիւնը, իրերօգնութեան այլասի րութիւնը, մարդու հանդէպ զգացուող ու արտայայտուող կարօ տի հոգեվիճակը, կարեկցութեան ոգին եւ մարդուն հանդէպ մարդ զգալու մարդասիրութիւնը…:
Դարուն մեքենականացումը մարդը կ՚օտարացնէ մարդէն, կը հեռացնէ մարդկայինէն, կը զրկէ զգայնութիւններէ՝ անտարբեր դարձնելով մարդը շրջապատին եւ շրջապատը լեցնող մարդերուն նկատմամբ։
Ահա թէ ինչո՛ւ 20-րդ դարու բ. կէսէն ասդին արուեստներու եւ գրականութեան խորքը՝ իր լուսարձակին տակ առաւ դարու մեքենականացումէն ազդուած, ճնշուած մարդու այլանդակուած տիպարը, կամ մարդուն հոգեկան այլանդակութիւնը։ Որոշ գրագէտներու եւ արուեստագէտներու մօտ յոռետեսութիւն առաջացուց մարդկային ընկերութեան թեքնիկ յառաջդիմութիւնը, որուն սրընթաց արշաւին մէջ տեսան մարդկայնութեան աղէտալի կորուստը։ Ու մարդկայնութեան կորուստը ահազանգեցին՝ որպէս մարդուն արժեզրկումն ու նուաստացումը մեքենական աշխարհին մէջ։ Մարդկութեան լուսաւոր դարը պատկերացուցին իր մեծութեամբ եւ մռայլութեամբ։ Հոսկէ է որ ստեղծուեցաւ հակադրութիւնը Մարդկայնութի՞ւն թէ մեքենականութիւն։ Պայքարը ակներեւ է այս երկու հոսանքներուն միջեւ։ Մէկ կողմէ մարդկայնութեան կառչած մնալու կեցուածքը, միւս կողմէ մարդը հարթող մեքենականութեան ճիրանները։ Այս երկուքին հակադրութենէն ի՛նչ կրնայ ծնիլ, այդ մասին է, որ կը վկայէ Վիրճիլ
Կէօրկիուի «Քսանհինգերորդ Ժամը» վէպը։ Յոռետեսութեան մռայլ գոյներով մեքենական ընկերութեան մէջ մարդուն արժեզրկումը պատկերացնելու առընթեր յոյսի եւ լոյսի հորիզոն մը կը բանայ մարդկութեան առջեւ. «Մարդ էակը արժէք կը ներկայացնէ ա՛յնքան ատեն միայն եւ ա՛յն չափով միայն, որքանով որ կրնայ աղբիւր եւ միջոց հանդիսանալ ուժի։ Թեքնիկ ընկերութիւնը հանգիստ պիտի ապահովէ մարդոց, բայց պիտի սպաննէ անոնց հոգին։ Առանց հոգիի հանճարներ չեն ծնիր։ Առանց հանճարներու՝ մարդկային ընկերութիւնը անկումի եւ ճապաղումի կը դի մէ ամէն օր: Թեքնիկ ընկերութիւնը, որ հող գտած է Արեւմուտքի մէջ, պիտի ծաւալի բովանդակ աշխարհի վրայ եւ պիտի կործանի օր մը։ Այդ կործանումէն ետք է, որ հոգեկան եւ մարդկային արժանիքները կրկին արժէք պիտի ստանան»:
Պարոյր Սեւակը, որուն բանաստեղծական աշխարհը հաղորդ մնացած է 20-րդ դարու կշռոյթին, «Առաջադրանք Համայն Աշխարհի Հաշուիչ Մեքենաներին Եւ Ճշգրիտ Սարքերին» քերթուածին մէջ կ՚արձագանգէ մարդկայնութեան եւ մեքենականութեան միջեւ շղթայազերծուած պայքարին եւ հակադրութեան եւ իրեն յատուկ հեգնական ակնարկներով համակարգիչներու անզօրութիւնը հաստատելէ ետք մարդկային անփոխարինելի արժէքներու կարողականութեան դիմաց՝ կ՚եզրակացնէ.
«Հաշուեցէ՛ք նաեւ, մի վերջի՜ն անգամ,
Թէ այդ ի՞նչ ձեւով,
Ի՞նչ մեքենայի օգնութեամբ բարի
Դեռ կարելի է մարդուն մա՛րդ պահել
Եւ կա՛մ նո՛ր միայն մարդուն դարձնել մա՜րդ…
Մարդը մարդ պահելու տագնապը առաջացաւ հիմնականին մէջ մեքենային եւ ճշգրիտ սարքերուն նուաճած կարեւորութենէն եւ մարդը արժեզրկող ահաւոր ներկայութենէն…։
Անառարկելի է, որ ներկայ քաղաքակրթութեան յառաջացող ընթացքը նիւթապաշտական խորք ունի, գործնապաշտ նկարագիր: Ու ան կը հակադրուի մարդուն հոգեբարոյական արժէքներուն։ Հոգեկան արժէքներու հարստութիւնը տեղի կու տայ նիւթական բարիքներու հեղեղային ողողումին առջեւ։ “Թեքնոլոժի”ն այնքա՜ն արագօրէն կը յառաջդիմէ, որ հաւասարակշռութեան խախտում կ՚առաջացնէ մարդուն հոգեկան պահանջքներուն եւ նիւթական տիրապետող պայմաններուն միջեւ։
Ու ընկերաբաններուն կարծիքով նիւթական արտադրութիւններուն ո՛չ քանակը, ո՛չ առաւելութիւնները չեն ապահովեր մարդուն երջանկութիւնը։ Չեն գոհացներ հոգեկան պահանջքները…:
Մարդը դա՛րձեալ մեքենական աշխարհի հեւ ի հեւ վազքին առջեւ սարսափէն կծկուած անձկութեամբ համակուած կը մերժէ “աղիւսակներով յագեցուած մեքենա դառնալ”:
Ապագայագէտները՝ աշխարհը 2000 թուականին եւ անկէ ետքի պատկերացումին մէջ, նկատի ունենալով մարդկային քանակական աճին անհամատեղելի թափը, տեղադրման մտահոգութիւնը, աշխարհին մեքենականացումը ներկայ իրավիճակին իրազեկութեամբ դատելով՝ կը գտնեն, որ այսօրուան աշխարհէն բոլորովին տարբեր աշխարհ մը պիտի դիմաւորէ մարդկութիւնը։
Որքա՜ն ալ բազմաթիւ անյայտներով եւ անակնկալներով լեցուն ըլլայ ան, ապագայագէտներու պատկերացումով 21-րդ դարը նոր դարաշրջանի մը յայտնագործումներով տարբեր դիմագիծ մը պիտի կերպադրէ աշխարհին ու մարդկութեան։ Աշխարհ մը, ուր մարդը իր իսկ ստեղծած ու նուաճած աշխարհներուն առջեւ, առաւել եւս պիտի փոքրանայ, արժեզրկուի…։
Բայց չթեւակոխած 21 դար՝ մարդը համակուած է ուրիշ տուայտանքներով եւս։ Մարդուն՝ մեքենաներով, “րօպօթ “ներով փոխարինումը կը հարուածէ անոր գոյութեան իմաստ տուող արմատները։ Բազուկի, ֆիզիքական աշխատանքի նուիրականութիւնն ու սրբութիւնը կ՚աղճատէ մեքենան մարդը փոխարինելու իր բիրտ դերով։ Կեանքի մէջ ամէնէն շատ փառաբանուած եւ մարդուն մէջ ամէնէն աւելի փնտռուած առաքինութիւնը՝ աշխատասիրութիւնը կ՚արժեզրկուի մեքենային նոր դերակատարութեամբ։ Մինչեւ 2000 թուականը ահաւոր համեմատութիւններու պիտի հասնի գործազուրկներու քանակը՝ աշխարհի վրայ։ Ինչ մեծ դժբախտութիւն է, որ մարդը պիտի զրկուի իր ճակտի արդար քրտինքով հացը շահելու հաճոյքէն…: Արդէ՛ն արեւմտեան որոշ երկիրներու մէջ մարդամեքենաներուն առաջացուցած գործազրկութեան տագնապը գլած անցած է նախատեսութիւնները։
Խօսելով վիճակագրական տուեալներու լեզուով արձանագրենք հոս, որ ըստ հաղորդուած վիճակագրական վերջին հրապարակումներու` Անգլիոյ մէջ հագուստեղենի գործարանի մը մէջ ելեկտրական նոր մեքենաներու հաստատումով 200 գործաւորներուն թիւը 20–ի իջած է։ Ֆրանսայի մէջ, վերջերս, մարդամեքենաներով բանիլ սկսած գործարան մը, հարիւր գործաւորներէն վեցը միայն պահելու ի վիճակի եղած է։ Այս ընթացքով, որքա՜ն մութ ու մռայլ կը պատկերացուի ճարտարարուեստականացած կեդրոններու աշխատաւորութեան մօտաւոր ապագան…։ Կարլ
Մարքսի նախատեսութեամբ. «Պիտի գայ ժամանակ, երբ մարդիկ այլեւս պիտի չընեն այն, զոր մեքենաները կրնան ընել»:
Մեքենաները՝ մարդը փոխարինելու իրենց ուժական կարողականութեամբ պիտի իրաւազրկեն մարդը, խլելով անկէ տնտեսական ազդակ մը ըլլալու հանգամանքը։ Աշխարհի ընթացքին հետեւող հասարակագէտները եւ տնտեսագէտները մարդկութեան համար կը նախատեսեն “Անգործներու ընկերութեան ” ապագայ մը…: Իր աշխատանքով եւ աշխատասիրութեամբ հպարտ մարդը պիտի կքի, սկսած է կքիլ արդէն, մեքենայի մեծազօր եւ ճնշիչ հովանիին ներքեւ…:
Ներկայ վիճակով Ճաբոն կը նկատուի մարդամեքենաներու հայրենիքը։ Կ՚ըսուի թէ վերջերս Թոյոթա ինքնաշարժներու գործարանը Ճաբոնի մէջ՝ բանուորներու մեծ մասը մարդամեքենաներով փոխարինած է։ Ա՛լ, կարելի է պատկերացնել, առանց ապագայագէտ ըլլալու, որ մինչեւ 2000 թուականը ինչքա՜ն պիտի բազմանայ մարդամեքենաներու քանակը եւ ինչպիսի՜ կատարելագործման պիտի հասնի անոնց թեքնիկը։ Ի վնաս մարդուն, մարդու աշխատանքային ժամերու` կրճատման։ Մարդու արժեզրկումին…։
Աշխարհի աշխատաւորութիւնը իր յարատեւ եւ արիւնոտ պայքարով ձեռք ձգած էր ութժամեայ աշխատանքի իրաւունքը…:
Մեքենական դարը, իր մարդամեքենաներով, կու գայ խլելու աշխատաւորէն մարդկային իրաւունք մը։ Աշխատանքի իրաւունքը…:
Ինչպիսի՛ պայքարով արդեօք վերստին պիտի նուաճուի մարդուն անձեռնմխելի իրաւունքը։ Ապահովուի ու վերահաստատւի մարդուն արժանաւորութիւնը մեքենական դարուն…:
Վերականգնի մարդուն իրաւունքներուն ամէնէն կենսականը։ Անբռնաբարելին…։

7 Դեկտեմբեր, 1984

ՄԱՐԴՈՒՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ՝
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ…

Մարդուն կենսական պահանջքները շա՜տ են…: Բայց անոնց մէջ առաջնահերթերը կան։
Լիբանանեան իննամեայ պատերազմի դժնդակ եւ մղձաւանջային առօրեան սորվեցուց լիբանանցիներուն, չկռուող եւ անզէն քաղաքացիներուն մասնաւորաբար, թէ խաղաղութիւնը մարդուն առաջնահերթ եւ կենսական պահանջքներու ցանկին մէջ կը գտնուի՝ հացի, ջուրի եւ օդի չափ…:
Ուրեմն՝ խաղաղութիւնը, հացի, ջուրի եւ օդի նման մարդուն կենսական պահանջքը կը կազմէ։ Այս իրողութիւնը ամէնէն աւելի կը հաստատեն այն երկիրներն ու ժողովուրդները, որոնք “ճաշակած” են պատերազմին արհաւիրքներն ու կործանումները, մահուան ու սպանութեան սարսափն ու մղձաւանջը, ոչնչանալու անձկութիւնն ու անդոհանքը։
Լիբանանն ու լիբանանցին իններորդ տարին ըլլալով Մարդկային Իրաւանց օրը, Դեկտեմբեր 10–ը կը դիմաւորեն մարդկային իրաւունքներէ զուրկ պայմաններու տակ, պատերազմը եւ անոր սփռած չարիքը յատկանշող տառապալից առօրեայի մը մէջ։
Լիբանանցին՝ անցնող ինն տարիներու ընթացքին, ապրեցաւ ու կը շարունակէ ապրիլ տակաւին իր կեանքին եւ մարդկային արժանապատուութեան սպառնացող ամէնօրեայ վտանգներու թոհուբոհին մէջ՝ ի ներկայութեան կամ հեռուէ՛ն հովանաւորութեամբ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան դերը ստանձնած միջազգային կազմակերպութեան…:
Մահուան եւ ոչնչացման չարաշուք ստուերն ու ուրուականը դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնան լիբանանցիին գլխուն վերեւ` ի ներկայութեան կամ հեռուէն հովանաւորութեան խաղաղարա՜ր ուժերու…։
Լիբանանեան պատերազմը՝ անցնող ինն տարիներու ընթացքին լիբանանցիներուն ծանօթացուց իր անմարդկայնութեան բոլոր դիմագիծերը…: Լիբանանցին ճանչցաւ, թէ պատերազմի օրերուն, ի՜նչ հրէշային դիմագիծ ունին կոյր ռմբակոծումները…. որոնք իրենց սահմռկեցուցիչ տեսքով ոչինչ կը խնայեն…։ Ո՛չ դպրոցներն ու դպրոցական երեխաները, ոչ հիւանդանոցներն ու հիւանդները, ոչ ալ հաշմանդամներն ու ծերերը…: Կո՛յր ռմբակոծում կոչուած բարբարոսական արարքը իր իր աւերիչ հետեւանքներով չէ, որ այնքա՛ն ահաւո՛ր է որքա՜ն մարդկային հոգեկան աշխարհէն ներս յառաջացուցած սարսռազդեցիկ տեղաշարժերով, տագնապով, հոգեբանական ջղագար վերիվայրումներով…:
Ի տես՝ մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան դիտող աչքերուն…:
Լիբանանեան պատերազմը իր բռնամիջոցներու գործածութեամբ սորվեցուց իր սեփական երկրին մէջ գաղթական դառնալու, մնալու եւ ապրելու անտանելի եւ անընդունելի դառնութիւնները: Մարդկային իրաւանց պաշտպան մարմիններու կազմակերպած մարդասիրակա՜ն օգնութիւններու ցուցադրական հովանիին տակ…: Նման վիճակներու համար կարծես ըսուած խօսք է. «Կ՚որբացնեն, յետոյ ալ որբախնամ ընկերութիւններ կը ստեղծեն»:
Լիբանանեան պատերազմը, ինչպէս որեւէ պատերազմ, իր յառաջացուցած տնտեսական տագնապով, զարգացուց մարդուն մէջ կողոպտելու չարագործ բնազդը։ Աւազակութեան դաժանութիւնը։ Որքա՜ն է Լիբանանի մէջ թիւը անո՛նց, որ օր ցերեկով կամ՝ գիշերով, տարիներու իրենց արդար քրտինքով ստեղծած “փոքր ու կոկիկ” տնտեսութիւնները կորսնցուցին, կողոպուտո՛վ ու թալանո՛վ… իսկ ուրիշներ՝ իրենց անարդար շահագործումներէն կուտակած մեծ տնտեսութիւններէն՝ փոքր բեկորներ ու զարմանալիօրէն այդպիսիները առաջիններէն եղան Լիբանանի մէջ դիզած իրենց հարստութիւններուն համար ապահով երկիրներ փնտռողները՝ գործադրելով դրամատերին հայրենիքը այն երկիրն է ուր կ՚ապահովուի իր հարստութեան շահագործումը, սկզբունքը…:
Լիբանանեան պատերազմին տեւողութիւնը փորձութեան ենթարկեց լիբանանցիին՝ նեղ պայմաններու, հոգեպէս մաշեցնող ջղային պայքարներու, տնտեսական տագնապներու, այսօրէն ետք վաղուան անստուգութիւնը շեշտող անհեռանկար հորիզոններու, մէկ խօսքով` մարդկային պարտադրուած տխուր ճակատագրին եւ անոր սարքած բազմաթիւ ու բազմապիսի՜ խաղերուն դիմադրելու հոգեկան, բարոյական եւ ֆիզիքական դիմադրականութիւնը։ Մարդկայնօրէ՛ն անհասկնալի համբերութիւնը…: Մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած, լիբանանցիները համբերութեան հրաւիրող փխրուն կոչերուն գործած անհամ ազդեցութեան տակ…:
Քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով լիբանանցին շինեց։ Վերաշինեց։ Վերանորոգեց եւ քանիերորդ անգամ ըլլալով տեսաւ վերաքանդուիլը անոնց…:
Քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով լիբանանցին ծրագրեց, յուսադրուեցաւ եւ իր ծրագիրներուն եւ յոյսերուն հետ ինք ալ փուլ եկաւ…:
Մարդկային իրաւունքներու սկզբունքը չէ, որ միայն ոտնահարուեցաւ Լիբանանի մէջ, այլ մարդկային իրաւունքին հետ մարդը իր արժանապատուութեամբ ոտնահարուեցաւ, զգետնուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, ոչնչացաւ…:
Բայց հակառակ մարդուն համար, մարդու պէս ապրելու բոլոր աննպաստ եղելութեանց, հարազատ ու վաւերական ա՛յն զաւակները՝ լիբանանեան հայրենիքին՝ որոնք կը հաւատան Լիբանանի յաւերժութեան, գոյատեւման, աշխարհի մէջ իրեն վերապահուած իւրայատուկ դերին, մեծ հաւատքով կը սպասեն տակաւին խաղաղութեան վերադարձը՝ իր երկինքներուն, իր կապոյտներուն, իր մայրիներուն…։
Մարդ էակը արտադրելու, ստեղծագործելու, իր կեանքը կազմակերպելու համար կենսականօրէն կը զգայ խաղաղութեան վերահաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Ինչքա՜ն գեղեցիկ բաներ, կեանքի մէջ դրականը յատկանշող երեւոյթներ կը չքանան կեանքէն, աշխարհէն՝ պատերազմի պատճառաւ: Պատերազմի օրերուն…:
Լիբանանի պատերազմին չարիքը սփռած իրականութենէն մեկնելով, աշխարհին ու մարդկութեան սպառնացող պատերազմի վտանգը, իր հիւլէական տարողութեամբ, ինչպիսի՜ անձկալից հոգեկան անդոհանքի կրնայ մատնել որեւէ աշխարհամասի վրայ ապրող մարդ էակը…: Եթէ արդէն չէ մատնած…:
Եւրոպայի մէջ կամ այլուր տեղադրուած հրթիռարձակները կը կազմեն այսօրուան մարդուն հիմնական մտահոգութիւնն ու տագնապը՝ աշխարհակործանման եւ մարդու ոչնչացման տեսակէտով…։
Ինչ ցեղի, կրօնքի եւ դասակարգի ալ պատկանի մարդը, սպառազինումի ահաւոր զինարշաւին դիմաց` կծկուած ինքն իր պատեանին մէջ, կ՚ապրի անպաշտպան զգալու հոգետանջ մտալլկումը։
Ո՞ւր կը մնայ կամ մնաց կը ճչա՛ն պատերազմին ահաւորութիւնը զգացող մարդիկ՝ աշխարհի խաղաղութեան հսկող Մարդկային Իրաւանց Միջազգային կազմակերպութիւնը։
Կա՞յ, գոյութիւն ունի՞ ան…:
Բայց ու՞ր է այն պատասխանատու կեցուածքը մարդուն եւ մարդկութեան հանդէպ՝ գործուելիք ոճիրը կանխելու համար։
Մարդուն եւ մարդկութեան հանդէպ գործուելիք ոճիրին ահաւորութիւնը կը չափեն այսօր այն գիտնականները, որոնք իրենց հնարամիտ հանճարով ստեղծեցին գիտութեան հրաշքը կազմող գիտութեան բարիքնեերուն հետ, պատերազմական աշխարհն ու մարդկութիւնը ոչնչացնո՛ղ կորիզային ռումբերը:
Կորիզային ռումբերը ո՛չ միայն պիտի չխնայեն մարդուն եւ մարդկութեան, այլեւ` մարդկային քաղաքակրթութիւնը պիտի կործանեն։ Ծնունդ պիտի տան այլանդակ աշխարհի մը։ Մնացող աշխարհի մը մէջ՝ քար քարի վրայ պիտի չձգեն…:
Արդի գիտութեան հայրը նկատուող, հանճարեղ Ալպեր
Այնշթայնին, երբ հարց տրուեցաւ ատենօք, թէ ինչպիսի՞ զէնքեր պիտի գոծածուին Համաշխարհային Գ. պատերազմին։ Չեմ գիտեր պատասխանած է գիտնականը, բայց կրնամ ըսել, թէ ինչ զէնքեր պիտի գործածուին Չորրորդին մէջ։ ի՞նչ զէնքեր հարցուցած են։ ՔԱՐԵՐ, պատասխանած է ան…:
Այսինքն՝ վերադարձ դէպի նախնադարեան հասարակարգը։ Քաոս…:
Ահա թէ ի՛նչ կը սպառնայ մարդկութեան եւ աշխարհին։
Պատերազմի մը բռնկումը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ բովանդակ մարդկութեան ճակատագրին հետ, մարդկութեան ստեղծած քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի ճակատագիրը…:
Վիճակագրական տուեալներու համաձայն հիւլէական եւ միջ–կորիզային զինամթերքով օժտուած երկիրներու մթերքը այն աստիճանի հասած է, որ ըստ գիտնականներու կրնայ քանի մը անգամ կործանել ներկայ երկրագունտը։
Որո՞ւ ի´նչ կը մնայ կործանուած երկրագունտէն. գաղութարարական եւ աշխարհակալական երազներէն ու ձգտումներէն…։
Բայց աշխարհակալական ձգտումներու բախումէն պիտի չծագի՞ միթէ պատերազմը…:
Իսկ, եթէ մարդուն ճակատագրին հանդէպ մտահոգուելու պարտականութիւն ունեցող մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններ, անտարբեր են՝ եւ պատասխանատու չեն զգար պատահելիք զարհուրելի աղէտին նկատմամբ, բոլոր աշխարհամասերու մարդասէր եւ խաղաղապաշտ մարդիկը՝ անոնք ըլլան բանաստեղծ թէ գիտնական, արուեստագէտ թէ փիլիսոփայ, հակադրուելու են պատերազմի չարիքին դէմ։ Ծառանալու համար աշխարհը քաոսի վերածել ձգտող պատերազմի հրձիգներուն դէմ։ Ցցուելու համար մարդկութիւնը նախնադարեան հասարակարգի վերադարձնելու վիճակուած պատերազմի զարհուրելի իրականութեան դէմ…:
Ճչալու համար մարդկութիւնը փրկարար ուղիով առաջնորդելու կոչուած՝ խղճմտանքի ձայնը…։ Խղճմտանքի այն ձայնը, որ մարդուն խաղաղ ապրելու երազն է ու տենչը՝ ընդդէմ պատերազմի… ընդդէմ բնաջնջման – ընդդէմ մարդը մարդուն դէմ գազան դարձնող բարբարոսութեան…:
Աշխարհի բոլոր ծայրերէն ու ծալքերէն բարձրանալիք խղճմտանքի ձայներն ու կանչերը, կոչերն ու պատգամները ուղղուած պիտի ըլլան մարդուն մարդ պահող եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ծառայող՝ թիրախի՛ն…։ Մարդը՝ բնութեան եւ աշխարհի գլուխ գործոցը պահելու արարչական կոչումին եւ աստուածային կամքին…:
Ահա թէ ի՜նչ կը թելադրէ 1983-ի մարդկային իրաւանց միջազգային օրը, Դեկտեմբեր Տասը։
Հայուն ձայնը, լռութեան ձայնը պէտք չէ մնայ, այլ իր ազգային երանգով հնչէ. «Տո՛ւր Աշխարհիս Խաղաղութիւն»։
3 Դեկտեմբեր, 1983

 

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ՝
ԽՕՍՔԻ ԵՒ ՄՏԱԾՈՒՄԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

«Թողէք որ խօսե՛ն բանաստեղծները։
Ծանր ձեր ափը, ծանր քարի պէս,
Մի՛ դրէք նրանց շուրթերի վրայ,
Ծանր քարի տակ՝
Ծլարձակումով լցուած հատիկը կարող է մեռնել,
Խօսքը խեղդելը՝ մանուկ խեղդել է
Մօր արգանդի մէջ.- թողէք որ խօսե՛ն,
Թողէք որ խօսե՜ն բանաստեղծները…»։
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
“Ձմեռ Է Գալիս”

Առա՛նց Խօսքի եւ Մտածումի ազատութեան համար դարերով մղուած անդուլ պայքարին, հասարակական մտածողութիւնն ու խօսքի իրաւունքը պիտի չնուաճէին այն յառաջընթացը, որ կ՚ապրի մարդկային մտքի պատմութիւնը իր ներկայ քաղաքակրթական հանգրուանին։ Ազատ խօսքի եւ անկաշկանդ մտածումի արտայայտութիւնները ծնած ու լոյս աշխարհ գալով զարգացած են տարբեր դարերու, տարբեր ու ծա՜նր պայմաններուն տակ, խաւարի՛, բռնութեա՛ն բիրտ ուժերուն դէմ պայքարի, կեանքի եւ մահուան գնո՛վ։ Մի՛շտ ալ խաւարի ուժերը փորձած են “ծանր քար դնել” խօսքի եւ մտածումի շուրթերուն վրայ եւ մեռցնել “ծլարձակումով լեցուած հատիկը” կամ “խեղդել խօսք-մանուկը՝ մօրը արգանդին մէջ”։
Խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը հալածուած, բռնադատւած է մարդկային իրաւունքի ոտնահարումով, մարդկային մտքի եւ խօսքի լուսաւոր ներկայացուցիչները իրենց ժամանակի շրջագիծէն ներս եւ խաւարամիտ ժամանակակիցներուն կողմէ հալածուելէ, բանադրուելէ եւ կառափնարան կամ կախաղան առաջնորդուելէ յետոյ, իրենց ժամանակէն ետք, բարձրացած են մարդկային մտածողութեան ռահվիրաներու լուսեղէն պատուանդանին՝ որպէս հանճարեղ բարերարները մարդկութեան մտաւոր եւ հոգեւոր յառաջդիմութեան։
Խօսքի եւ մտածումի ազատութեան ասպետները եղած են անո՛նք, որոնք որպէս արուեստագէտ, իմաստասէր, ընկերաբան, գիտնական, Հասարակական մտածող կա՛մ հոգեւոր առաջնորդ՝ թիավարելով ժամանակի հոսանքին դէմ, յեղափոխական մտածողութեամբ եւ կեցուածքով յեղաշրջում յառաջացուցած են աշխարհաիմացութեան, նախնական հաւատալիքներու եւ նախապաշարումներու, հասարակական ու ընկերային ըմբռնողութեան եւ կեանքի գիտական ճանաչողութեան աշխարհներէն ներս:
Մարդկային մտքի զարգացման վերելքը ապրա՛ծ է իր յեղափոխական հոլովոյթը՝ խօսքի եւ մտածումի ազատութեան մարդկային իրաւունքի նուաճման ճամբուն վրայ։
Ք. Ա. Սոկրատ մը՝ իր մտածողութեան յառաջապահութիւնը քաւեց մոլեխինդի թոյնով բանտին մէջ կեանքին վերջ տալու ինքնադատապարտութեամբ։
Նազովրեցի Քրիստոսը խաչուեցաւ իր քարոզած նոր վարդապետութեան եւ հաստատած նոր կրօնքին համար:
ԺԷ. դարուն սկիզբը Իտալացի փիլիսոփայ գիտնական Ջորդանոյ Պրիւնոն բանադրուեցաւ “սքոլաստիք” մտածողութեան դէմ իր յանդգնութեամբ եւ հրկիզուեցաւ Հռոմի հրապարակին վրայ։
Խօսքի եւ մտածումի ազատութեան զոհերը՝ իւրաքանչիւր ազգի եւ իւրաքանչիւր դարու տարերգութեան մէջ՝ արիւնով արձանագրած են իրենց մտաւոր յանդգնութեան եւ պայքարին էջերը։ Անո՛վ ալ՝ հերոսացած…:
Անկաշկանդ խօսքը մարդուն բնական իրաւունքը կը կազմէ։
Զայն լռեցնելու սահմանուած որեւէ ճնշում եւ հալածանք՝ բռնաբարումն է մարդկային իրաւունքին։ Ապրո´ղ իւրաքանչիւր բանաւոր էակ՝ խօսքի եւ մտածումի ազատութեամբ կ՚արդարացնէ մարդու կոչումը եւ կ՚արժեւորէ մարդկային անհատականութիւնը։ Մարդը՝ մարդուն տրուած շնորհքն ու իրաւունքը՝ մտածելու եւ մտածածը անվկանդ արտայայտելու՝ եթէ չպահէ ու չարժեցնէ, կը կորսնցնէ իր արժանաւորութիւնը, կը վիրաւորէ իր անհատականութիւնը եւ կը վերածուի արգահատելի խլեակի մը։ Զրկե՛լ մարդը խօսքի եւ մտածումի ազատութենէն, կը նշանակէ մարդկային ընկերութիւնը վերածել խլեակներով շնչող տխուր եւ եղկելի հաւաքականութեան մը։
Եթէ խօսքի եւ մտածումի ազատութեան մարդկային իրաւունքին բռնաբարումը՝ բռնարարքներով եւ այլ միջոցներով մի մարդուն դէմ գործուող անմարդկայնութիւն է, որ կը մնայ դատապարտելի իբր ընկերային կառոյց՝ իսկ վախէ, հաշիւէ եւ այլ նկատումներէ առաջնորդուող մարդկային անարի կեցուածքները, որոնք կ՚անտեսեն ու կ՚անգիտանան խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը՝ մարդուն նկարագրին եղկելիութիւնն ու լղրճկութիւնը կը ցոլացնեն…:
Մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնէն՝ խօսքի եւ մտածումի ազատութեան կարեւոր դեր վերապահուած է հանրային կարծիքի առաջնորդութեան մէջ՝ մամուլով, գրականութեամբ, արուեստներով, հրապարակախօսութեամբ:
Հո՛ն ուր ժողովուրդին իրաւունքները կ՚անտեսուին, արդարութիւնը կ՚ոտնակոխուի, ցեղային կրօնական խտրականութիւնը կը շեշտուի, մարդը կը շահագործուի ու կը ճզմուի, բարոյական սկզբունքները կ՚աղաւաղուին, ընկերային ըմբռնումները կ՚աղ-ճատուին, մարդկային արժէքները կը խաթարուին, պէտք է խօսքն ու մտածումը իր ազատութիւնը գտնէ կամ ունենայ՝ Ճշմարտութիւնը Ճչալո՛ւ։ Արդարութիւնը աղաղակելու։
Ճշմարտութիւնը խօսքի եւ մտածումի ազատութեան բարիքն է, որ ի յայտ կու գայ իր թաքնուած անկիւններէն, ամէն անգամ, ե՛րբ ծո՛ւռ, խարդա՛խ, ապաբարո՛յ, անպարկեշտ ու անարդար ուղիներէ կը փորձուի առաջնորդել ընկերութիւնը։ Առանց ճշմար-տութիւնը արտայայտող եւ ընդհանրացնող անկեղծ խոսքի եւ զգաստացնող, ազա՛տ մտածումի ազդու միջամտութեան՝ ընկերութիւնն ու ժողովուրդը իրենց ուղիէն շեղեցնող ուղղութիւնները չե՛ն ուղղուիր։ Առաւել կ՚ապականեն ընկերութիւնը։
Խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը այն ուժն է, որ կրնայ իր զօրութեամբ ժողովուրդին անտեսուած իրաւունքները պաշտպանելով վերահաստատել զայն. արդարութիւնը պահանջելով ապահովել արդարութիւնը. ճզմուող մարդը փրկելով շնորհել անոր մարդու արժանաւորութիւնը. քննադատելով բարոյական սկզբունքներու աղաւաղումը՝ ընկերութեան եւ ժողովուրդին համար նոր ուղիներ բանալ. ախտաճանաչումը կատարելով ընկերային փտած ու նեխած միջավայրին՝ նո՛ր ու վսեմ իտէալներով օժտել մարդկային արժէքներու նահանջը շեփորելով` խաթարու- մին առաջքը առնել:
Ահա թէ ինչո՛ւ խօսքի եւ մտածումի ազատութեան մարդկային իրաւունքն ու անոր զօրութենական ուժը սարսափը կը կազմեն բոլոր ազգի բռնատէրերուն, որոնք զայն խեղդել, կաշկանդել կը փորձեն ճնշումի, հալածանքի եւ հոգեբանական վախի անմարդկային եղանակներով։
Մարդկութեան արդար խղճմտանքը կը կազմեն խօսքի եւ մտածումի ազատութեան իր իրաւունքը արժեւորող այն արուեստագէտները, գրագէտները, փիլիսոփաներն ու հրապարակագիրնե րը, որոնք ընկերութիւնն ու ժողովուրդը տագնապեցնող երեւոյթներուն եւ վտանգներուն առջեւ, ո՛չ միայն չեն լռեր, անտարբեր չե՛ն մնար, այլեւ կ՚ահազանգեն, կը ճչան, կ՚անհանգստացնեն, կը խռովե՛ն, կ՚ալեկոծե՛ն յանուն մարդկայնութեան, յանուն իրաւունքի վերահաստատման, յանուն մարդկային ճշմարիտ արժեչափերու վերականգնումին։
Ահա՛ թէ ինչո՛ւ բանաստեղծութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը յաճախ ըմբոստութիւն են տիրո՛ղ կարգերուն դէմ, ընդդիմադրութիւն տիրակալներու մենատիրութեան դէմ…: Այս իրողութենէն մեկնելով է, որ Միացեալ նահանգներու նախկին՝ զգետնուած նախագահներէն Ճօն Քենետի՝ կատարած է հետեւեալ իրա՛ւ բնորոշումը բանաստեղծի դերին՝ ընկերութեան մէջ. «Բանաստեղծութիւնը միջոց մըն է ձերբազատելու իշխանութիւնը իր իսկ կապանքներէն։ Մինչ իշխանութիւնը ամբարտաւանութեան կը միտի, բանաստեղծութիւնը կու գայ յիշեցնելու իրեն իր սահմանները։ Մինչ իշխանութիւնը կը սահմանափակէ մարդկային միտքը, բանաստեղծութիւնը կու գայ յիշեցնել կեանքի հարստութիւնը եւ այլազանութիւնները։ Մինչ իշխանութիւնը կը խաթարէ, բանաստեղծութիւնը կը մաքրագործէ։ Ընկերութիւնը պէտք է ազատ թողու բանաստեղծը, որ հետեւի իր ճամբուն, ուր ալ տանի այդ ճամբան։ Որովհետեւ արուեստը պրօպականտի ձեւ չէ, այլ՝ ճշմարիտի որոնումը»:
Պէ՛տք է ազատ թողուլ բանաստեղծները, կամ թողէ՛ք որ խօսին բանաստեղծները, մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնէն, որովհետեւ անոնք խօսքի եւ մտածումի ազատութեան իրացիութիւնը կը հաստատեն:
Արուեստի, փիլիսոփայութեան թէ հասարակական մտածողութեան կեանքի տարբեր մակարդակներու վրայ՝ մարդկութիւնը կը շահի խօսքի եւ մտածումի ազատութեամբ։ Մարդը կը բարձրանայ իր մարդկային արժանաւորութեան։ Ընկերութիւնը կը մաքրուի իր հասարակական աղտերէն ու նեխածութենէն։
Ուրեմն՝ մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնէն մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային կառոյցները ապահովելու են մարդուն վերապահուած խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը։ Մարդուն մարդկային բնական իրաւունքը։

2 Դեկտեմբեր, 1986

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

«Աշխատանքը՝ անհրաժեշտութիւնն ու արժանաւորութիւնն է մարդկային կեանքին եւ էական պայմանը՝ ընկերութեան օգտակարութեան եւ արտադրողականութեան։ Ան որ կրնայ աշխատիլ պէտք չէ զրկուած մնայ մարդավայել ապրելակերպի իրաւունքէն»։
ՔԱՄԱԼ ՃՈՒՄՊԼԱԹ

Աշխատանքին նուիրականութիւնը եւ անոր ազնուացնող դերը մարդկային կեանքին էութիւնը կը կազմեն։ Աշխատանքին բարիքներով կեանքը կը յառաջանայ եւ մարդը կը բարձրանայ իր արժանաւորութեան։ Աշխատաւոր մարդուն մաքուր եւ անխառն քրտինքն է, որ կը քաղցրացնէ մարդուն առօրեան, կ՚իմաստաւորէ ու կ՚արժեւորէ կեանքը։ Մարդուն հոգե-մտաւոր ստեղծագործական տքնանքին արդիւնքն ու արտայայտութիւնն է գեղեցիկին գոյառումը։ Գեղեցիկով ընկալելու համար գոյութեան խորհուրդը:
Աշխատանքը հիմնաքարն է մարդկային ընկերութեան զարգացման եւ կատարելագործման։
Առանց աշխատանքի մարդ ո՛չ միայն ընկերութեան բեռն ու անօգուտ քուրջն է, այլեւ ինքն իր աչքին՝ ոչնչութիւն…: Ահա թէ ինչո՛ւ ընտանեկան թէ դպրոցական յարկերուն տակ, դաստիարակութեան հիմքը կազմելու է մարդուն մէջ առօրեայ աշխատանքին հանդէպ սիրոյ մշակումը։ Դաստիարակութիւն մը, որ աշխատանքով պայմանաւորէ կեանքին հաճոյքը, ապրուստին ապահովումը, մարդուն երջանկութիւնը։
Անաշխատութիւնը, ձրիակերութիւնն ու հացկատակութիւնը մերժելի եւ խոտելի գիծերն ու երեւոյթներն են մարդկային նկարագրին ու ընկերութեան…։
Սուրբ ու նուիրական աշխատանքի “հալալ” վաստակէն դուրս ընտանեկան ժառանգութեամբ հարստացումները ո՛չ միայն կը զրկեն ենթակաները աշխատանքին բնական հաճոյքէն, այլեւ կը խաթարեն մարդը իբր նկարագիր եւ հոգեբանութիւն։
Պետական ու ընկերային հակակշռէ դուրս՝ խարդախ ու զարտուղի միջոցներով հարստացումները, մագսանենգութիւն, ազատ տնտեսութեամբ առեւտուրի չարաշահում, – ծնունդ կու տան ընկերութեան մէջ դասակարգ մը, որ աշխատանքին ազնուացուցիչ քրտինքէն հեռու շահուած եւ կուտակուած ապօրէն հարստութեամբ ո՛չ միայն հոգելլկումով կը տառապի, այլեւ ընկերութեան բարոյականութիւնը կ՚ապականէ, շեշտելով դասակարգային սրութիւնը։
Սուրբ ու նուիրական աշխատանքին այլասերումը կը կազմէ դրամատիրական թէ ընկերվարական կառոյցով երկիրներու պաշտօնեաներու այն դասակարգը, որ պաշտօնին չարաշահումով առանց աշխատելու, անպատասխանատու եւ անտարբեր վերաբերում կը ցուցաբերէ եւ նոյնիսկ առանց պաշտօնատեղին ներկայանալու կը գանձէ իր ամսավճարի “իրաւունքը”՝ զուրկ քաղաքացիական, պետական, ընկերային գիտակցութենէ։ Ահա թե ինչո՛ւ աշխարհի առաջին ընկերվարական պետութեան՝ Խ. Միութեան գլխաւորին, Կորպաչեւին վերակառուցման նորարական շարժումը կը միտէր բացի տնտեսական բարեկարգութիւններու իրագործումէն, բարոյական, գաղափարական եւ ընկերային խախտած, աղճատուած ըմբռնումներու վերականգնումին։
Աշխատանք ունենալու, աշխատանքով կեանքին հաճոյքը ըզգալու, ապրուստը ապահովելու եւ երջանկութեան հասնելու իրաւունքը մարդունն է եւ պարտաւորութիւնը՝ այն երկրին ու ընկերութեան, ուր կ՚ապրի։
Մարդկային ընկերութեան մէջ մարդուն արժանաւորութիւնը պահելու ծառայող նախապայմանը աշխատանքի տարրական իրաւունքին հայթայթումն ու ապահովումն է։
Բնական, ֆիզիքապէս թէ մտապէս առո՛ղջ եւ աշխատելու ընդունակ մարդը առանց աշխատանքի պահող ընկերութիւնը ո՛չ միայն առողջ չէ իր ընկերային կառոյցով, այլեւ՝ հակամարդկային է։ Ահա՛ թէ ինչու մարդկութեան աշխատաւոր մեծամասնութիւնը կը ձգտի ընկերվարական ընկերութեան մը կերտումին:
Ընկերվարական մարդկայնական այնպիսի ընկերութիւն մը, որ ապահովէ մարդուն արժանաւորութիւնը պահող աշխատելու իրաւունքին հետ, բարօր եւ մարդավայել կեանքի գոհացումը։
Դրամատիրական հասարակարգերը, աշխարհի քիչ մը ամէն ծայրամասին վրայ, կը տագնապին այսօր գործազրկեալներու տարուէ տարի աճող համեմատութենէն։ Քրիստոնեայ եկեղեցին իր հոգեւոր Պետին՝ Յովհաննէս Պետրոս Պապին բանաձեւումով աշխարհի վրայ գործազրկութեան երեւոյթը համարեց “ընկերային չարիք”, իսկ երիտասարդութեան գործազրկութիւնը՝ “մեր ժամանակաշրջանի ողբերգութիւններէն մէկը”։ Ողբերգութիւն մը, որ ո՛չ միայն իր անիրաւ գոյութիւնը կը պահէ տիեզերական թռիչքներու գիտա-յեղափոխութեամբ յատկանշուող այս դարուն, այլեւ “կ՚անդամալուծէ երիտասարդութեան յոյսը” ապագային հանդէպ։
Եւրոպայի մէջ, աշխատելու արդար իրաւունքէն զրկուած երիտասարդութիւնը, յաճախ բողոքի ըմբոստական շարժումներով կ՚արտայայտէ իր ընդվզումը, մտահոգութիւնը կը կազմէ մարդկային ընկերութեան հետ տուեալ երկիրներու պետական շրջանակներուն։ Ըստ վիճակագրական տուեալներու 25 տարիքէն վար անգործ երիտասարդները հետեւեալ պատկերը կը պարզեն. Անգլիոյ մէջ` 1,2 միլիոն. Ֆրանսայի մէջ` 300 հազար.
Իտալիոյ մէջ՝ 1,35 միլիոն. Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ՝ 500 հազար:
Երիտասարդ սերունդի գործազրկութեան տագնապը կ՚անդրադառնայ նաեւ ընկերային ա՛յլ երեւոյթներու վրայ։ Հոգեբանական այն անկայուն եւ շուարուն վիճակը, որուն մատնուած կը զգան անգո՛րծ եւ առա՛նց հիմնական զբաղումի երիտասարդները, կ՚առաջնորդէ զիրենք հակա-օրինական, հակա–բնական կեանքի մը մոլորութիւններուն եւ անառակութիւններուն՝ որպէս հակազդեցութիւն եւ ըմբոստ կեցուածք ընկերային այն դրութեան դէմ, որ իրենց պարտադրուած է ապրիլ։
Գործազրկութենէ առաջացող տնտեսական անորոշութեան անձկութիւնը, մինչեւ իսկ համալսարանաւարտ երիտասարդութեան մօտ, կեանքէն յուսախաբութեան մղելով, որպէս լուծում, անձնասպանութեան գաղափարին անձնատուր կը դարձնէ։ Վիճակագրական ուսումնասիրութիւններէն պարզուող պատկերը ցոյց կու տայ թէ դրամատիրական հասարակարգի այսօրուան ընկերութեան մէջ, աշխատանքի իրաւունքէն զրկուած անձնասպանութեան դիմողները, աւելի մեծ համեմատութիւն կը կազմեն։
Մարդկութեան խիղճը խարանո՛ղ ողբերգականութեամբ մը…:
Արեւմուտքի մէջ Ամերիկացի թէ Եւրոպացի ողջմիտ ընկերաբաններ իրենց ուսումնասիրութիւններուն մէջ եկած են այն եզրակացութեան թէ՝ թմրեցուցիչներու մոլութեան մէջ խրած, nճիրի ու գողութեան արարքներով սնող երիտասարդութիւն մը եթէ կա՛յ այսօր աշխարհի վրայ, անգործութեան գործօնը հիմնական տեղ կը գրաւէ։ Մարդուն հոգեկանը եւ մարդկային դիմագիծը այլանդակող ահաւոր իրականութեամբ մը։
Յոռետեսութիւն մը նկատելի է ընկերային մտածողներու մօտ՝ պարզուող Երեւոյթներուն նկատմամբ։ Յոռետեսութիւնը կը զարգանայ երկու ուղղութեամբ։ Ա. Անգործութեան դատապարտուած երիտասարդութեան անտարբերութիւնը զիրենք անգործ պահող ըներութեան կարգուսարքին դէմ։ Բ. Ընկերութեան անտարբերութիւնը, որ դադրած է մտահոգուելէ անգործներու տխուր ճակատագրով։
Մասնակիէն անդին չեն անցնիր քաղաքական նկատառումներով ընկերային պայմանները բարելաւելու ձգտող բարեկարգութիւնները, քանի արմատական լուծումի մեկնակէտը չունին անոնք։ Խոշոր դրամատէրերու սեփականատիրական սանձազերծ շահերուն խոտոր կը համեմատին արմատական լուծումները:
Արմատական լուծումները կապուած կը մնան ընկերային յեղաշրջումներուն հետ…:
Մտաւոր եւ ֆիզիքական պարկեշտ եւ խղճամիտ աշխատանքի գործաւորներու Աշխատանքի Իրաւունքին նուաճումը պատմական իր հոլովոյթով զարգացման բազմաթիւ պայքարի հանգրուաններէն անցած է։
Աշխարհի տարբեր ծայրամասերուն վրայ աշխատաւոր զանգուածներուն մղած անդուլ, անվհատ եւ հերոսական պայքարներով Աշխատանքի Իրաւունքը արձանագրած է յառաջդիմութիւններ` դրամատիրական երկիրներուն մէջ։
Աշխատաւորին եւ աշխատանքին իրաւունքը շնորհուած չեն ինքնաբերաբար, այլ խլուած ու պարտադրուած են միակամ պայքարով։
Հակառակ Աշխատանքի Իրաւունքը պաշտօնական ճանաչում ստանալուն՝ Ընկերային Արդարութիւնը, որ որ կը ձգտի աշխատաւորը մարդավայել ապրելակերպի պայմաններով օժտելու, տակաւին ամբողջական իր իրագործումը չէ գտած: Այնքան ատեն, որ շահագործումը, ճնշումը եւ անիրաւութիւնը կը մնան աշխատանքի իրաւունքին ամբողջական գոհացման արգելիչ գործօններ, աշխատաւոր մարդը միշտ ալ պիտի զրկեն մարդավայել ապրելակերպի իրաւունքէն։
Աշխատաւորին կեղեքումը եթէ հին համեմատութեամբ չկայ, բայց անպայման որպէս գործատերի եւ դրամատէրի մտայնութիւն,– պետական թե անհատական մակարդակով, – կ՚ապրի…։
Դրամատէրն ու գործատէրը միշտ շահագործողի դերին մէջն են, իսկ մտքի եւ բազկի գործաւորները՝ շահագործուողի: Աշխատանքին արդար իրաւունքը չի հատուցուիր։
“Յաւելեալ արժէք”ի կուտակման սկզբունքով անձնական սեփականութեան տէր դրամատէրի կամ դրամատիրական ընկերութիւնները նոր հարստութիւններ պիտի կուտակեն իրենց դիզւած հարստութիւններուն վրայ, իսկ բազկի եւ մտքի գործաւորները,– իրենց աշխատանքին շահագործումով, պիտի ստանան իրենց աշխատանքի արդիւնքէն այնքան մաս մը, որ զիրենք “կէս կուշտ, կէս անօթի” պահէ…։
“Կէս կուշտ, կէս անօթի” պահելու մտայնութիւնն ու ընկերային պայմաններու դրութիւնը՝ վիրաւորանք են մարդուն արժանաւորութեան դէմ՝ մարդուն տրուած կրօնական թէ մարդկայնական արժէքին տեսակէտով։
Ահա թէ ինչո՛ւ առանց ցեղային ու կրօնական խտրականութեան՝ աշխատող, արտադրող, ստեղծագործող դասակարգին ձգտումը պիտի մնայ Աշխատանքի Ամբողջական Իրաւունքին եւ մարդավայել ապրելակերպի արժանաւորութեան նուաճումը։

17/4/1988

ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԴՐԱՄԸ
ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ

«Մամոնան նոյնպէս միջոց է բարիք գործելու համար, երբ նա նպատակ դարձաւ, “անիրաւութեան մամոնայ” է»։
«… Բայց նա կեանքի բովանդակութիւն եւ նպատակ չէ ինքնըստինքեան, այլ միջոց աւելի բարձրագոյն նպատակի, բարձրագոյն բարիքին հասնելու»։
ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Դրամը՝ դրամատիրական հասարակարգի տակ՝ գերագոյն արժէքի վերածող մտածողութիւնը ընդհանրական ու տիրական երեւոյթ է: Մարդուն արժէքը, ընկերային ու հասարակական կեանքին մէջ ասոր գրառած դիրքը դրամով եւ դրամատիրութեամբ պայմանաւորող ըմբռնողութիւնը ցաւալիօրէն ու ողբալիօրէն ներմուծուած է նաե՛ւ ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ…: Հակաընկերային եւ հակամարդկային իր պարունակութեամբ՝ մարդուն արժէքը դրամով չափող, կշռող, դատող մտածողութունը տեղ գրաւելու չէ ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ, որովհետեւ ժողովրդական առողջ եւ եւ ողջմիտ դատողութեամբ. “Փողը ձեռքի կեղտ է, այսօր կայ՝ վաղը չկայ. Բայց մարդը պիտի մա՛րդ ըլլայ, եւ իւրաքանչիւր անհատի իր արժէքը պիտի տրուի…”: Բայց… դրամատէրն ալ, դրամազո՛ւրկն ալ, իշխանաւո՛րն ալ, փոքրաւո՛րն ալ, նախ՝ դրամ, յետոյ մարդ հոգեբանութեամբ կ՚առաջնորդուին կեանքի մէջ, եւ իւրաքանչիւր անհատին արժէք կու տան իր ունեցած դրամին համեմատութեամբ՝ ինչ որ կը վիրաւորէ մարդուն մարդ ըլլալու արժանապատուութիւնը…:
Մարդկային իրաւունքի տեսակէտով, մարդը մարդու պէս ապրեցնելու եւ իր ֆիզիքական, հոգեկան եւ իմացական պահանջքներուն բաւարարութիւն տալու համար՝ նիւթական անհրաժեշտ կարիքին գոհացումը պարտաւորութիւնը կը կազմէ մարդկային ընկերութեան, ընկերային ու պետական բոլոր կառոյցներուն, արդարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքով՝ ինչպիսի՛ աշխարհի մէջ ալ որ ապրի մարդը…։ Առանց գոյնի, ցեղի, դաւանանքի խտրականութեան՝ աշխարհի որեւէ ծայրամասին վրայ տիեզերական արարչութեան կոչումով թէ մարդկայնական ըմբռնողութեամբ մարդը մնալու է գերագոյն նպատակ՝ կեանքը դասակարգող արժէքներու ընտրութեան մէջ…: Նախ մարդ, ապա դրամ, ապա ուրիշ բան…: Մարդկային իրաւունքի պահանջատիրութեամբ ա՛յս է հրամայականը մարդու արժանապատուութեան պահպանման համար։
Զարմանալիօրէն, սակայն, ժողովրդական ռամիկ մտածողութիւնը եւ դրամատիրական նիւթական չափանիշը, հակառակ դասակարգային տարբեր եւ հակոտնեայ կողմնորոշումներու կը միանան իրարու մարդու եւ դրամի փոխ–յարաբերութեան գնահատման մէջ։ Մա՛րդ ես այնքա՜ն, որքա՜ն դրամ ունիս…: Մարդ չես ու մարդ չեղար,— նոյնիսկ եթէ հոգեկան, ի իմացական արժանիքներու եւ հարստութիւններու տէր ես,- բայց…, դրամատէր ու հարուստ չես…:
Մարդկային իրաւունքը եւ մարդու արժանապատուութիւնը կը պահանջեն, որ մարդկային բարոյական արժէքները, հոգեկան առաքինութիւնները, արհեստակցական կարողութիւնները եւ մտաւորական շնորհքը չոտնակոխուին դրամատիրական այլասերած, ապականած եւ աղճատուած բարքերու տիրապետութեան տակ։ Տիրապետող սկզբունքները մարդկայինը եւ ընկերայինը ըլլան, գերադասելով մարդը՝ դրամէն…: Պարկեշտ, նկարագրի տէր տիպար քաղաքացին, որ իր ճակտի քրտինքով, արդար ու հալալ հացը շահելով բարոյական մաքուր կեանք մը կ՚ապրի, չստորադասուի ընկերութեան մէջ դրամի տէր այն անձէն, որ բաղդի բերումով, կամ շահագործումի հազարումէկ խարդախ եղանակներով, դրամ կուտակելը գերագոյն` նպատակ դարձնելով, հարստութիւն դիզած է եւ դրամական շռայլութեան մէջ կ՚ապրի բարոյական սկզբունքներէ զուրկ, անմաքուր կեանք մը…: Մա՞րդը պէտք է փնտռել, թէ դրամը, մարդուն դրամը…:
Անկասկած որ մարդը։ Դրամատիրական ընկերութիւնը, որ մարդկային բարքերը կ՚այլասերէ, մարդը կը պարպէ իր մարդկայնութենէն՝ շեշտը դնելով դրամ “արժէքին” վրայ, կը դիմազեղծէ ընկերութեան եւ մարդկային բարոյականութեան նկարագիրը: Ի՜նչ ահաւոր իրականութիւն է, երբ գող, աւազակ, անպարկեշտ եւ անբարոյ դրամատերը դրամին “ուժով” եւ “հմայքով” կը պատուըուի, կը մեծարուի, կը պարտադրուի ընկերութեան…: Այսպիսի անարդարութեան դէմ, այսպիսի բարոյազուրկ սկզբունքներով առաջնորդուող ընկերութեան դէմ բողոքի ձայն բարձրացուցած արուեստագէտներն ու մտածողները, որոնք յաճախ ճնշուած ու ճզմուած են դրամատէրերուն անմարդկային հալածանքին ենթարկուելով, հազուագիւտ չեն…: Անոնցմէ՜ է
Աւետիք Իսահակեան, որ իր “Աբու Լալա Մահարի” պոեմին վեցերորդ սուրահին մէջ, այսպիսի՛ ցասկոտ ճիչ մը արձակած է նիւթին հզօրութեամբ չարափոխուած ընկերութեան դէմ։
«Ապիրատ աշխարհ, ուր հզօր ոսկին դարձնում է գողին՝
ազնիւ, բարեյոյս,
Ապուշին՝ հանճար, վախկոտին՝ կտրիճ, տգեղին չքնաղ եւ
պոռնիկին կոյս »:
Ինչո՞ւ ի վերջոյ դրամատէրին հանդէպ այդ յարգանքը, երբ դրամը պաշտամունքի կուռքի վերածելով, նպատակ ու երազ կը դարձնէ զայն, անձնական հաճոյքի եւ բարօրութեան եսակեդրոնութեամբ։ Ի՜նչ մեծ չարիք է ա՛յն երկրին, ա՛յն ընկերութեան եւ ա՛յն հաւաքականութեան համար, երբ իրենց գլուխը կանգնած է պատեհապաշտութիւնը սկզբունքի վերածած, ամէն պարկեշտ, ընդհանրական, բարոյական սկզբունքներու հրաժեշտ տուած նիւթապաշտ իշխանաւոր մը, որ միայն իր անձնական շահերը անյագուրդ կուտակելու մարմաջին ետեւէն կը վազէ…: Շահամոլութիւնն ու դրամապաշտութիւնը կը քայքայեն ընկերութեան բարոյական հիմքերը, կը խաթարեն մարդկութեան առո՛ղջ մտասեւեռումները, կ՚աւերեն երկրին աւանդական արժէքներու խարիսխները…:
Կործանումը անխուսափելի է, հո՛ն՝ ուր յղփացումն ու նիւթի տիրապետութեան երազը նպատակ ու թիրախ է…։
Ի՞նչ օգուտ դրամատէրի մը անհաշուելի հարստութենէն, երբ ան չի ծառայեր հանրանուէր նպատակի մը, բարեսիրական հիմնարկի մը, կրթական-մշակութային ծրագրի մը։ Դրամ ունենալը չի բաւեր լո´կ, զինք ընկերութեան մէջ յարգելի դարձնելու համար: Քամահրանքը դրամին եւ դրամատերին հանդէպ հայ բանաստեղծին կողմէ արտայայտուած է հետեւեալ կծու եւ ազդու խօսքով.
«Թէ որ քո փողից հայ ազգին օգուտ չկա՛յ՝
Թքել եմ քո՛ էլ, փողին էլ վրայ»։
Քամառ Քաթիպա
Սրտի՛, հոգիի՛ եւ մտքի՛ տէր մարդը, որ եթէ նուիրուած է նաեւ մարդկային հոգե-մտաւոր աշխարհը հարստացնելու, ընկերութիւնը առաջնորդելու ազնիւ ու վսեմ առաքելութեան՝ դրամին ու դրամատէրին ճնշումին ու տիրապետութեան չենթարկուի անիրաւութեամբ, ա՛յլ՝ պահէ՛ մարդկային իրաւունքի պահանջատիրութեամբ իր արժանաւոր տեղը ընկերութեան մէջ։
Այս տեսակէտով, ինչքա՜ն բան կայ փոխուելիք ազգային մեր մտածողութեան եւ հոգեբանութեան մէջ՝ իշխանաւոր շրջանակներէն մինչեւ ժողովրդական խաւերը…:
Դրամը անհրաժեշտութիւն է որպէս միջոց լաւագոյն ապրելակերպի մը համար։ Մարդկային իրաւունքի տեսակէտով ամէն մարդ կոչուած է լաւագոյն ապրելակերպի արժանաւորութեան։
Վատառողջ է ու անմարդկային այն ընկերութիւնը, որ կը զլանայ մարդուն մարդ պահող ընկերային բարեկցութիւնը, կ՚աղքատացնէ զայն, վերածելով թշուառ, եղկելի խլեակի մը։ Դասակարգային սրութիւնը մեծ համեմատութեամբ կը շեշտուի, երբ նոյն ընկերութեան մէջ մէկէն կը խլուի մարդկային լաւագոյն ապրելակերպի իրաւունքը, միւսին կը տրուի կուտակելու սանձարձակ ազատութիւնը, որ կ՚առաջացնէ “անիրաւութեան մամոնան “:
Անիրաւութեան մամոնան կը դառնայ ամէն չարիքի, շահագործումի, տիրակալութեան գործօնը։ Ընկերային ողբերգութիւններու տխուր պատճառը:
Լիբանանը՝ ընկերային ողբերգութեան այդ աստիճանին հասաւ քաղաքա-տնտեսական այլ գործօններու խաչաձեւումին հետ անիրաւութեան մամոնայի սանձարձակ եւ անհակակշիռ կուտակումով։ Անհաւասար բաշխումով։ Տիրապետումով։
Հո՛ն՝ ուր դրամը կը դադրի միջոց ըլլալէ եւ կը դառնայ կեանքին բովանդակութիւն տուող նպատակ, կեանքը կ՚այլասերի, կը նեխի։
Դրամը իր տեղը ունի, եթէ ճիշդ իր տեղը տրուի եւ սահմանուի՝ որպէս միջոց «աւելի բարձրագոյն նպատակի, բարձրագոյն բարիքին հասնելու համար»:
Ընկերային արդարութեան սկզբունքներուն կիրարկումը կեանքի մէջ, մարդկային իրաւունքի տեսակէտով մարդուն կու տայ իր արժանի արժէքը՝ որպէս գերագոյն նպատակ, իսկ դրամին՝ իր տեղը որպէս միջոց՝ արժէքներու դասաւորման մէջ՝ ի խնդիր մարդկայնական եւ ընկերվարական ընկերութեան մը առաջացումին…։

8 Դեկտեմբեր, 1987

20-րդ ԴԱՐՈՒ ՊԱՏՈՒՀԱՍՆԵՐԷՆ՝
ԱՂՄՈՒԿԸ

«Կու գայ օրը, երբ մարդկութիւնը ստիպուած կ՚ըլլայ աղմուկի հետ դատաստան կատարել այնպիսի վճռակամութեամբ, ինչպէս կատարեց քոլերայի ու ժանտախտի հետ»։
Ռոպերդ Կոխ (միքրո–կենսաբան)
«Միջնադարեան քաղաքներուն մէջ անդորրը խախտողները պատժած են։ Նստեցուցած են զանգի տակ եւ զանգը հնչեցուցած:
Իսկ որո՞ւ պատժեն ժամանակակից աղմկոտ քաղաքին մէջ։
Ամբողջ քաղաքը կարծես վիթխարի զանգի մը տակ կը գտնուի, որ շարունակ կը ղօղանջէ»։
Ալեքսանդր Գորպովսկի
Կ՚ապրինք աղմկոտ աշխարհի մը մէջ, որ բացարձակապէս անտարբեր ու անզգայ է ա՛յն ջղագրգիռ հոգեվիճակներուն նկատմամբ, որոնց ենթակայ ու անձնատուր է 20-րդ դարու մարդը՝ հետզհետէ խելագարօրէն սաստկացող աղմուկներու տարատեսակներով։ Քաղաքակրթութիւնը՝ իր մարդը ճնշող այլ գործօններուն հետ, առաջացուցած քայքայիչ աղմուկի բազմազան արտայայտութիւններով կը խախտէ մարդուն հոգեֆիզիքական հաւասարակշռութեան ներդաշնակութիւնը, կը խանգարէ անդորր խաղաղութեան մէջ ինքնամփոփուելով երազելու պահերը. կը խաթարէ լռութեան երազայնութիւնն ու անուշութիւնը կը խլէ անաղմուկ կեանքի շնորհն ու իրաւունքը։ Նաեւ՝ հաճոյքը…:
Լռութեան, անդորրութեան ու խաղաղ ինքնասուզումի վայելքը կորսնցուցած 20-րդ դարու մարդը կ՚ապրի անձկութիւնը՝
21-րդ դարու սեմին՝ աւելի տարօրէն աղմկոտ աշխարհէ մը ներս մուտք գործելու: Պայքարելու հրէշի մը դէմ, որ ժանիքները սրած կը գրոհէ մարդուն վրայ, անկէ խլելու համար հոգեկան անդորրութեան մենաստանը…: 20-րդ դարու արտասովոր աղմուկը ո՛չ միայն մարդը արտաքնապէս կլանած է, այլեւ՝ թափանցած, unղոսկած է անոր ներքին աշխարհէն ներս, ու վերիվայրումներու ենթարկած՝ հո՛ն տիրող կարգաւորութիւնը…։ Մարդը ի՛նք ալ չի գիտեր թէ ինչպէ՛ս պիտի պատերազմի աղմուկ-չարիքին դէմ…:
Ինչպէ՞ս պիտի վերագտնէ իր կորսնցուցած անդորրութիւնը։
Դուրս պիտի գայ զինք շուարումի մատնած աղմկարար աշխարհի խառնիճաղանճէն…։ Ահա թէ ինչո՛ւ ո՛չ միայն մարդը, – անդորրութիւն բնականօրէն տենչացող իր տարերքով,— տագնապեցնող 20-րդ դարուն պատուհասներէն է աղմուկը, այլեւ՝ իր ծաւալող տարողութեամբ եւ արշաւող արագընթացութեամբ գերխնդիրներէն մին կազմելով 20-րդ դարու, կը տագնապեցնէ նաեւ կենսոլորտի պաշտպան գիտնականներն ու միջազգային ընկերութիւնները։
Կենսոլորտի Համաշխարհային Օրուան շրջագիծէն ներս, Լիբանանի մէջ կայացած համագումարին առիթով, լիբանանեան համալսարանի դասախօսներէն եւ համանուն ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Փրոֆ. Ժիհատ Նաաման «Պայքարինք Աղմուկին Դէմ» յօդուածին մէջ կը գրէ. «Ներկայ աշխարհի մէջ, երբ թեքնիկ յառաջդիմութիւնները մէկ կողմէ ֆիզիքական աշխատանքներու թեթեւացման բարիքը կը ստեղծեն, միւս կողմէ, սակայն, կը հայթայթեն գեր-յոգնածութիւն ջղային դրութեան, hոգեկան վիճակի եւ պատճառ կ՚ըլլան միջավայրի խառնակութեան։ Անոնցմէ է աղմուկը՝ որ պատերազմէն առաջ իսկ, ա՛ն ծնուցիչն էր անhանգստաւէտ կեանքի, վտանգաւոր անդրադարձներու եւ գեր-ճնշումներու (stress) այն պարագային երբ կը գլէկ՚անցնի որոշուած սահմանը։ Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ զարգացած երկիրներու մէջ աղմուկին կատարած ժխտական անդրադարձներուն մասին, կը պարտաւորեցնէ մարդկութիւնը, որ լուրջ կարեւորութեամբ մտածէ զայն սահմանափակելու միջոցներու մասին»:
Աղմուկը միայն 20-րդ դարու յատուկ երեւոյթ չէ. մի՛շտ ալ ան գոյութիւն ունեցած է մարդը շրջապատող տարածութիւններու վրայ, իւրաքանչիւր ժամանակի եւ երկրի ճարտարարուեստականացման բնորոշ տարողութեամբ։ Այդ տարողութիւնը մտահոգիչ ծաւալ ստանալով պատուհասը դարձաւ 20-րդ դարու մարդկութեան, յատկապէս մեքենայի զարգացումէն եւ յառաջդիմութենէն առաջացած սահմռկեցուցիչ աղմուկներով։ Մեքենական դարուն աղմուկը ո՛չ միայն իր ստեղծած ժխորին անմիջական անդրադարձներուն ժխտական հետեւանքներով վնասակար է, այլեւ՝ կը սպառնայ մարդուն երկարակեցութեան…: Ջղային հիւանդութիւններու հիմնապատճառը նկատուելէ անկախաբար,– հոգեբոյժներու տուեալներով,– աղմուկը կ՚անդրադառնայ նաեւ մարդու կեանքի տեւողութեան վրայ՝ 7 – 10 տարիով կարճացնելով զայն, ըստ համաշխարհային մակարդակով կատարուած վիճակագրական հետազօտութիւններու։ Ահա թէ ինչո՛ւ մարդուն ապագայով մտահոգ ապագայագէտներու ահազանգին ընդառաջելով ստեղծուած են աղմուկի դէմ պայքարի միջազգային խորհուրդներ: Բայց մինչ այդ՝ մեքենական սարքերու նորահնար գործիքներ իրենց գլխու պտոյտ պատճառող կատարելագործումներով աշխարհը կ՚ողողեն աղմուկի նոր ալիքներով…։ Աշխարհը ողողած գիտատեխնիկական բազմազան արտադրութիւններու առաջացուցած աղմուկի ալիքները իրենց մնայուն մակընթացութեամբ խեղդած են նաեւ բնութեան բնական ձայները, որոնք մարդուն կը շնորհէին ինքզինքին հետ ըլլալու խոկումի ևս վերացումի պահը։ Բնութեան ձայներուն ըմբոշխնումը…: Աղմուկի ալիքները վեր բարձրացած են մարդու հասակէն… եւ կը սպառնան զայն եւս խեղդել…։ Խեղդել ո՛չ անպայման մահով, այլ` իր ինքնութենէն հեռացումով: Բնութեան աստղերուն շշունջները ամէնէն աւելի լսողներ եղած են որսորդները։ Ահաւասիկ անոնցմէ մէկուն՝ Լոուրենս Ուան Տէր Պոստի ափրիկեան որսորդական փորձառութիւններէն վկայութիւն մը. «Դուն, անշուշտ գիտես, որ ամենամեծ որսորդները աստղերն են։ Միթէ՞ դուն չես լսեր զանոնք։ Լսէ՛, թէ ի՞նչ կը ճչան… Լսէ՛։ Դէ՛, լսէ՛։ Դուն այնքան խուլ չես, չէ՞, որ չլսես։
Երկար տարիներ ինծի վիճակուած է քնանալ ափրիկեան՝ երկնքի աստղերու տակ, եւ ես գիտեմ ինչպէ՛ս անոնք կը հնչեն…: Ես փութացի պատասխանը – Իհարկէ, Դաբէ, ես կը լսեմ։ Բայց անմիջապէս ալ ստիպուած էի աւելցնել։ – Միայն թէ չեմ գիտեր, ի՛նչ կը խօսին։ Իսկ դուն գիտե՞ս։ Եւ ան պատասխանեց. անոնք այսօր մեծ որսի են եւ ես լոկ անոնց որսորդական կանչը կը լսեմ. “ՏՍՍԻ՜Կ” եւ “ՏԱ՜Ա”»։
«Որսորդի Սիրտը»
Մեքենական աղմուկին ալիքները խեղդած են այսօր թէ՛ փոթորկայոյզ ծովուն շառաջները եւ թէ՛ խաղաղ ծովուն ձայները։ Աղբիւրներուն կարկաչները լռած են ու չեն հասնիր մարդուն հոգիին ու ունկին քաղաքներու աղմկալից դղրդիւններէն եւ հռնդիւններէն։ Ջուրերու այնքան հաճելի ու դուրեկան ձայները ընդհանրապէս, – գետ, առու, ձիւնհալի հոսք,— աղմկաշատ յորձանքներու ոլորապտոյտին մէջ կորսնցուցած են մարդուն հասնող իրենց կածաններն ու արահետները։ Երանելի՜ էին այն ժամանակները, երբ բանաստեղծները գիշերուան հանդարտ խաղաղութեան մէջ, լսելով աստղերուն շշունջներն ու շշուկները զրոյցի կը նստէին անոնց հետ…։ Գերձայնային օդանաւներն այսօր, գրաւելով անջրպետային տարածութիւնները խափանած են ո՛չ միայն բանաստեղծներու խոհական զրոյցները աստղերուն հետ, այլեւ՝ ընդհանրապէս երկնային ձայներու հետ հոգեկան հաղորդակցութիւնը: Արտոյտներու առաւօտեան ճռուողիւններով բազմաձայնուած թռչուններու համերգները անհետացած են սրաթռիչներու առաջացուցած ահագնադղորդ ժխորին մէջ։
Բնութեան բնական ձայներով կազմուած երաժշտութիւնը, որ ամէնէն մեծն է երաժիշտներուն, կորսնցուցած իր նախկին գրաւչութիւնը բազմամարդ քաղաքներու բազմաղմուկ ճռինչներէն…։ Իբր հետեւանք այս ժխորին երաժշտութեան սրահները լեցուեցան աղմկարար երաժշտութեամբ…: Քաղաքին ինքնաշարժներու խճողումէն եւ բազմամարդ հրմշտուքէն գոյացած խժալուր աղմուկը լռեցուցած է այնքան քնարական խարշափները տերեւներուն։ Աղօթող, երգող ծառերուն սօսափներուն հետ ծաղիկի ու ծիլի, խոտի ու թուփի մեղմաձայն թրթիռները մարդուն չհասած կը կորսուին աղմուկի նոր-նոր ալիքներու հոսքին մէջ…։
Աղմուկի բազմացող, նոր-նոր ալիքներու ողողումէն մարդը ո՛չ միայն կորսնցուց իբր ունկնդիր բնութեան ձայները, այլեւ՝ խզուեցաւ անոնց հետ հոգեկան հաղորդակցութեան մտերիմ, հարազատ եւ ջերմ զրոյցէն…։
Աղմուկը խաթարեց բնութեան ձայնին մարդուն հետ հարազատութիւնը…։
Մեծ եւ գերբնակուած քաղաքներու բնակիչները մասնաւորաբար եւ ընդհանրապէս քաղաքներու բնակիչները անտեսանելիօրէն թափանցող համաճարակի մը՝ աղմուկի` վտանգէն պատուհասուած են։ Առաջին հերթին քաղաքներու բնակչութեան խտացումը կ՚անդրադառնայ աղմուկի աճումին։ Ջղային պրկուածութիւնը մեծապէս կ՚ազդուի այսօրուան քաղաքներու գեր-խճողուածութենէն առաջացած աղմուկներէն։ Եթէ մարդկային աճին միացնենք նաեւ քաղաքակրթութեան եւ մեքենական դարուն աղմուկները՝ ինքնաթիռ, ինքնաշարժ, ձայնասփիւռ, պատկերասփիւռ, ելեկտրածին, արդիւնաբերական գործարաններ, նոյնիսկ հեռախօսի զանգ՝ կ՚ունենանք Ալեքսանդր Գորպովսկիի պատկերաւոր այն համեմատութիւնը, ըստ որուն. «Ամբողջ քաղաքը կարծես վիթխարի զանգի մը տակ կը գտնուի, որ շարունակ կը ղօղանջէ»։
Փախուստ չկայ այդ զանգէն. մարդուն կեանքը կապուած է քաղաքին եւ ունկերը դատապարտուած են լեցուելու ղօղանջներուն խլացուցիչ ձայներով։
“Վիթխարի զանգը” իր ձայնին ուժգնութեամբ քաղաքաբնակ արդի մարդուն ո՛չ միայն անընկալութիւնը կը զարգացնէ, այլեւ՝ լսողութեան թմբկաթաղանթին զգայնութիւնը կը բթացնէ։ Ու այս՝ անզգալաբար, որովհետեւ մարդիկ չեն անդրադառնար, որ ինչե՜ր, ինչեր կը կորսնցնեն քաղաքի աղմուկներուն ներզօր ազդեցութեամբ։ Նոյնիսկ, բժշկական շրջանակներու կողմէ արտայայտուած մտահոգութիւնը, որ վախի տարողութիւն ստացած է, աղմուկի “վիթխարի զանգը” իր զարգացման անսովոր թափով կրնայ խուլ մանուկներու ծնունդ տալ… եւ լսողութեան բջիջային հիւսուածքները քայքայել…:
Աղմուկի “վիթխարի զանգը” եւ մարդը դէմ յանդիման։
Որքանո՞վ վնասակար է աղմուկը հարցադրումին Ալեքսանդր
Գորպովսկի իր «2000 Թուականը Եւ Յետոյ» գիրքին մէջ, կը հաստատէ. «Բժիշկներու կարծիքով բոլոր ջղային հիւանդութիւններէ տառապողներուն եօթանասուն տոկոսը աղմուկի հետեւանք է։ Իւրաքանչիւր երկրորդ անգլիացին եւ երրորդ անգլուհին կը տառապին աղմկածին ջղային հիւանդութեամբ: Նոյնիսկ սովորական հեռաձայնային զանգերը վտանգաւոր գրգռիչներ են. փորձերու ժամանակ շատ աւելի թոյլ ձայնային ազդանշանները առնէտներու մօտ ստամոքսի խոց առաջացուցած են։ Բազմամիլիոննոց Նիւ-Եորք քաղաքի չորսէն մէկը կը տառապի ջղային եւ հոգեկան խանգարումէ»:
Մինչեւ վերջերս, գիտական եւ բժշկական շրջանակներէն ներս կը տիրէր այն կարծիքը, որ աղմուկը աւելի շատ ջղային եւ հոգեկան խանգարումներու դուռ կը բանայ։ Ըստ ֆրանսական առողջապահական հետազօտութիւններու կեդրոնի տեղեկագրին. «անհանգիստ, աղմկալի եւ ջղային կեանքը խտաբնակ, բարձրայարկ շէնքերուն մէջ ծնունդ կու տայ հոգեմարմնական հիւանդութիւններու ստամոքսի խոց, սրտային հիւանդութիւններ, ղեղատապ, մաշկային հիւանդութիւններ»։ Ֆրանսական բժշկական Ակադեմիան ֆիզիքական տառապանքներու յիսուներկու առ հարիւրը կը վերագրէ աղմուկին։
Ըստ հոգեբանական գիտութիւններու տուեալներուն աղմուկը բարոյական ժխտական ներգործութիւն կ՚ունենայ նաեւ քաղաքաբնակ մարդու աշխատանքային կորովին եւ տրամադրութիւններուն վրայ։ Աղմուկի “վիթխարի զանգը” կը նուազեցնէ անզգալի կերպով մարդուն աշխատելու կորովն ու տրամադրութիւնը եւ անկում կ՚արձանագրէ արտադրողականութիւնը։ “Վիթխարի զանգին” աղմուկին ազդեցութեամբ անտրամադիր մարդը՝ ջղային ու յոգնած՝ արտադրելու ներքին ուժականութիւնը եւ թափը կը կորսնցնէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ քաղաքին ապականած օդին եւ բազմաժխոր աղմուկին մէջ խեղդուած մարդը ո՛չ միայն կ՚ուզէ ապաստանիլ տան չորս պատերէն ներս ստեղծուած լռութեան ծոցին, այլեւ՝ կ՚երազէ հեռանալ քաղաքէն եւ հանգչիլ գիւղական “կոյս լռութիւններու” գրկին մէջ…։ Թէեւ այսօրուան զարգացման պայմաններով “Վիթխարի զանգին” ղօղանջները հասած են ու թափանցած թէ՛ տուներէն ներս, եւ թէ պղծած են գիւղական հանդարտ լռութիւններու կուսութիւնը…:
Աղմուկի “վիթխարի զանգը” մեծ քաղաքներու մեծածաւալ օդանաւակայաններէն կը հնչէ, ուր իջնող եւ ուրկէ թռիչք առնող օդանաւները կ՚ընդհատեն օդանաւակայանին մերձակայ դպրոցներու դասաւանդութեան պահերը։ Բացի իրենց երբեմն գերձայնային աղմուկին անախորժ արձագանքներէն, որ դպրոցական երեխաներուն ամբողջ ջղային ցանցը կը ցնցէ, վնասելով կ՚արգելակէ դպրոցական բնական ընթացքը: Ըստ հաշւումներու անոնք միջին հաշուով օրական մէկ ժամ կը խլեն դպրոցական պարապմունքէն։
Աղմուկի “վիթխարի զանգը” երկինքէն թէ հողէն, ծովէն թէ ցամաքէն կը հնչէ եւ իր ղօղանջներուն բազմաղաղակ ալիքներով մարդը կը մատնէ շուարումի, ինքնակորոյս ջղասպառումի։
Մարդը իր իսկ ստեղծած թշնամիին՝ աղմուկին հետեւանքները կը կրէ իր իր հոգեբարոյական թէ մտա-ֆիզիքական աշխարհներէն ներս: Հոգեկան աշխարհէն նե՛րս աղմուկին պատճառած խանգարումները ազդած են բարոյակ կերպարին վրայ, իսկ աղմուկին ֆիզիքական անդրադարձները մտքի կեդրոնացումէն զրկած են մարդը։
20-րդ դարու մարդը ոչ միայն հիւանդ է, այլեւ՝ պատժուած դարու աղմուկէն։ Պատիժը սոսկալի է եւ սպաննիչ։ Այնպէս, ինչպէս ոճրագործներուն համար, հին դարերուն զանգահարումը գործածուած է իբր պատժամիջոց։ Այսպիսի հրամանագիր ստորագրուած կայ հին դարերու կայսրի մը կողմէ. «Կը հրամայեմ չկախել ոճրագործները. թող հնչեն սրինգներն ու թմբուկները, թող ղօղանջեն զանգակները այնքան ժամանակ, մինչեւ որ դատապարտուածը իյնայ անշնչացած եւ այդ կ՚ըլլայ ամենատանջալից մահը մեր պատկերացուցած բոլոր մահերէն։ Հնչեցուցէք անընդմէջ զանգակները, մինչեւ որ ոճրագործը կորսնցնէ գիտակցութիւնը եւ մեռնի»:
Աղմուկի պատժամիջոցին,– առանց ոճիր գործած ըլլալու,դատապարտուած մարդկութեան համար ահազանգ կը հնչեցնեն բոլոր երկիրներու մարդասէրները՝ աղմուկի “վիթխարի զանգին” դէմ շղթայազերծուած պայքարով։ Ահա թէ ինչ կը գրէ ամերիկացի նշանաւոր իրաւագէտ Ուիլիամ Օ. Տուկլաս իր «Երեք
Հարիւրամեայ Պատերազմ» գիրքի «Աղմուկը» խորագրուած գլուխին մէջ. «Բնութեան հետ երեք հարիւրամեայ պատերազմէն քիչ առաջ մարդը, որուն կը ջղայնացնէր քաղաքի աղմուկը՝ սմբակներու դոփիւնն ու սայլերու ճռինչը, մուրճի հարուածը եւ հիւսնի ուրագի ձայնը, անցորդներու եւ դրացիներու ձայները, ու մինչեւ իսկ զանգակներու զնգզնգոցը՝ միշտ ալ կրնար ձերբազատուիլ Արեւմուտքի անմարդաբնակ տարածութիւններուն վրայ։ Այսօր զուր բան է լռութիւն փնտռել անգամ ազգային պարկերու առանձնութեան մէջ կամ մեծ… խոր կիրճերուն մէջ, ուր միայն լաստով կարելի է հասնիլ։ Լռութիւնը կը խախտէ թռչող ռեակտիւ օդանաւի դղրդիւնը։ Քաղաքաբնակներու համար խնդիրը աւելի հրատապ է. աշխատավայրերու մէջ արդիւնաբերական աղմուկն է, ճամբաներուն՝ փոխադրութեան։ Աղմուկը ոմանց կը շարունակէ հետապնդել նաեւ գիչերը եւ անոնք չեն կրնար քնանալ ինքնաշարժերու, արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու եւ ինքնաթիռներու ձայներէն»:
Փախուստ չկայ 20-րդ դարու մարդուն համար. ո՛ւր որ ալ ըլլայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի աղմուկը՝ իբր պատուհասը իր ճակատագրին՝ կը ցցուի իր դէմ ու կը պատուհասէ իր կեանքը։
Մարդկային Իրաւանց բազում հարցերու շարքին գրանցուած է նաեւ աղմուկը։ Մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն, եթէ մէկ կողմէ ամենուրեք ձայներ կը բարձրանան, որ հոգեկան հիւանդութիւններու ծնուցիչ աղմուկը՝ իբր հետեւանք մարդկային գերաճի ու գիտա–տեխնիկական միջոցներու գերզարգացման՝ կասեցուի, միւս կողմէ գիտութիւնը անտարբեր չէ “ցածրաձայն սարքաւորում”ներու արտադրութեան տեսակէտով։ Վերջինը այդ արտադրութիւններու մէջ կը համարուի “էնթի նոյզ քոնթրոլ սովորական ձայնասփիւռի մը մեծութեամբ գործիք մը, որ իր բովանդակած համակարգիչով քանի մը երկվայրկեանի մէջ կատարելով միլիոնաւոր գործողութիւններ կը յառաջացնէ այնքան աղմուկ որքան կը հասնի իրեն։ Հակառակ ուղղութեամբ ձայներու ալիքներու իրարու բախումը մեծ համեմատութեամբ կը նուազեցնէ աղմուկը։
Աղմուկի դէմ մարդու պաշտպանութիւնը Մարդկային Իրաւանց տեսանկիւնէն կ՚առաջադրէ, որ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները հեռացուին քաղաքին մարդաբնակ շրջաններէն. օդանաւակայանները օժտուին “ցածրաձայն սարքաւորում”ով. տուները կառուցուին տունը փողոցէն անջատող կանաչապատ տարածութեամբ մը. արգիլել մարդաբնակ շրջաններէն ներս ինքնաշարժներու շչակներն ու բարձրաձայն ծանուցումի կոչերը. քաղաքէն անցնող շոգեկառքերու անիւներն ու երկաթուղագիծերը պաշտպանուած ըլլան ձայնայարոյցին դէմ։
Բայց, ինչ որ ալ ըլլան աղմուկը կանխարգիլող միջոցներու դրական արդիւնքները, աղմուկը կը շարունակէ մնալ 20-րդ դարու պատուհասներէն։
Տիեզերական համակարգին մթնոլորտային անդորրը պիտի շարունակէ խախտուած մնալ, այնքան ատեն, որ գիտատեխնիկական առաջընթացը անկասելիօրէն եւ արագ թափով նոր նուաճումներ արձանագրելով, նոր նուաճումներու հետ աղմուկի նոր ալիքներ կ՚առաջացնէ…:
Բայց աղմուկի նոր ալիքներուն մէջ դեռ չխեղդուած, դեռ չմարած մարդու ճիչը պիտի բարձրացնէ իր ձայնին ալիքը, որ մարդկութեան տագնապանքին եւ տառապանքին հառաչանքներով փրփրած է…։

28 Օգոստոս, 1992

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

«Որքան ատենէ, որ աշխարհ եկած եմ, չեմ մտածած ինքզինքիս մասին այնքան որքան պատերազմի եւ առեւանգումներու մասին. բայց սորված եմ ներել եւ սիրել։
Նորին Սրբութիւն Ժան-Փօլ Պապ Բ. կը մնայ ինծի ուղղել հարցում մը Ձեզի՛, բոլոր քրիստոնեաներուն եւ աշխարհի իմ տարիքիս բոլոր մանուկներուն մինչեւ ո՞ւր կը հասնի համբերութիւնն ու սէրը։ Խաչի ճամբան կրնա՞յ տեւել ամբողջ կեանքի մը տեւողութեան։
Տուէ՛ք մեզի Ձեր օրհնութիւնը եւ մտածեցէք Լիբանանի մանուկներու մասին»։
ՐԷԱ ԷԼԷՖԹԷՐԻԱՏԻՍԻ
(14 տարեկան, Պապին ուղղուած բաց նամակէն հատուած)

Պատերազմի աւերներուն հաշուեկշիռը, նիւթական եւ մարդկային կորուստներու տարողութենէն անդին կ՚անցնի ապրողներու հոգեբարոյական կեանքին վրայ ներգործած ժխտական ազդեցութամբ եւ ձգած խոցելի հետքերով…։ Մարդկային բոլոր մակարդակներու եւ տարիքներու համար, Լիբանանի պատերազմին տասնչորսամեայ չարիքներուն բարոյական հաշուեկշիռէն հանուած սոյն ընդհանրացումը արդարացի ըլլալով հանդերձ՝ մասնաւորաբար մանուկներու համար աւելի՛ սուր, աւելի՛ շեշտակի եւ աւելի՛ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունեցաւ անոր բարոյական վնասները։ Անոնք աշխարհ չեկած զգացին պատերազմի արհաւիրքին անդրադարձները իրենց վրայ՝ սաղմնային կազմաւորման հոլովոյթի ընթացքին եւ աշխարհ գալէն ետք, մինչեւ պատանեկան տարիք (14) ապրեցա՛ն եւ կ՚ապրին մինչեւ օրս հոգեբանական նոյն տագնապալից վիճակները։ Ահա թէ ինչո՛ւ, անո՛նք, Լիբանանի մանուկները՝ պատերազմի սկիզբը կամ պատերազմի ընթացքին ծնած՝ տարբերեցան իրենց դժբախտ ճակատագրով աշխարհի իրենց սերունդի միւս մանուկներէն` դառնալու եւ կոչուելու համար Պատերազմի Մանուկներու Սերունդը…:
Պատերազմի Մանուկներու Սերունդը, որ վախի, անապահովութեան, անպաշտպան զգալու հոգեվիճակներէն անցաւ, անջնջելի՛ կերպով իր հոգեկան կերտուածքին մէջ կրեց անոնց մնայուն ազդեցութիւններն ու հետքերը։ Միա՛յն իրենց վախն ու անապահովութեան զգացողութիւնը չէ՛ր ու չէ՛ պատերազմի մանուկներու սերունդին հոգեբանական կազմաւորման անբնականութեան շարժառիթը՝ ա՛յլ, իրենց յենարան, պաշտպան եւ հովանաւոր ճանչցած ծնողներուն (հայր, մայր) ապրած անձկութիւններն ու տագնապները եւս եկան ծանրօրէն անդրադառնալու մանուկներու աշխարհէն ներս գոյացած հոգեկան կնճիռնե րու ծալքերուն…։ Ահա՛ թէ ո՞ւր կը կայանայ անոնց ճակատագրին ողբերգութիւնը եւ ողբերգականութիւնը։
Հոգեկանին վրայ եղած անդրադարձներէն կարելի չէ անջատել նաեւ տնտեսական տագնապին՝ որպէս ընկերային ծանրակշիռ գործօն կատարած հոգեբանական աւերը մանուկներու զգայնապէս փխրուն յուզաշխարհին վրայ՝ կեանքի կենսական եւ առաջնահերթ պահանջքներու ապահովման տեսակէտով։ Յատկապէ՛ս աշխատաւոր եւ համեստ դասակարգի մանուկներու պատերազմական կեանքի առօրեայէն ներս գործազրկութեան հետեանքով ապրուած զրկանքներու դառնութիւնը աննշմար ու դարանակալ սողոսկումով կը թափանցէ մանուկներու եւ պատանիներու անգիտակից ենթագիտակիցէն ներս եւ հոն կայք հաստատելէ ետք, օր մը անպայման դուրս կու գայ ընկերութեան դէմ վրէժխնդրութեան եւ ոխակալութեան հակազդեցութեամբ։
Քինախնդի՛ր չարութեամբ…:
Մանուկներու, յատկապէ՛ս համեստ դասակարգի,— արժանապատութեան պաշտպանութիւնը պատերազմի մղձաւանջային պայմաններու տակ, աւելի կենսական, աւելի դրական ու աւելի գերիվեր է քան նպաստաբաշխումի այն հրապարակային եղանակները, որոնց ընթացքին ապրուած նուաստացումի պահերը (շարք կազմած սպասումներու սպասողներու ցուցադրական տեսարաններով) ապահովուած սննդեղէնը։ Բարեսիրական եւ մարդասիրական օգնութիւններու,– արտասահմանեան թէ տեղական, նախաձեռնութիւնները անկասկած որ իրենց օգտակարութիւնը եւ դրական դերը կատարեցին ու ունեցան, բայց անոնք պէտք չէ կատարուին ու ըլլան նուաստացումներու գնով պատճառուած մարդկային արժանապատուութեան վիրաւոգային մանուկներու կեանքին եւ յարաբերութիւններուն ընթացքին՝ աշխարհին ու մարդոց հետ…:
Պատերազմի Մանուկներու Սերունդին մարդկային արժանաւորութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը ինքնին վկայութիւնը պիտի կազմէ մարդկայնական առողջ կեցուածքի մը՝ յատկապէս պատերազմական անմարդկային եւ անշնչելի պայմաններուն տակ:
14 տարիներու հոգեմաշ եւ ջղասպառ պատերազմի ընթացքին, պատերազմի մանուկներու սերունդին մէջ քիչ թիւ չեն կազմեր այսօր որբերու փաղանգները։ Պատերազմը՝ հօրմէ – մօրմէ զրկելով որբացուց որքա՜ն դժբախտ մանուկներ, որոնք հասակ նետեցին ու կը նետեն ծնողական սէրէ ու գուրգուրանքէ զո՛ւրկ՝ որբի հոգեբանութեամբ: Մեղքը իրենցը չէ, երբ պատերազմէն որբացած մանուկներու որբերու սերունդը առհասարակ հետագային կը դառնայ ո՛չ միայն ըմբոստ զինք խնամածներուն եւ հոգացողներուն հանդէպ՝ այլեւ, անազնիւ, անխիղճ ու անգութ՝ աշխարհին ու մարդոց հետ վերաբերումի ընթացքին։ Որբի հոգեբանութիւնը եւս կ՚արտայայտուի ընկերութեան դէմ վրէժխնդրութեամբ…: Ահա թէ ինչո՛ւ պատերազմին չարիքը կեանքին վրայ կ՚անդրադառնայ որբերու սերունդով առաջացուցած նկարագիրներու բացասական հակազդեցութիւններով, որոնք կեանքի՝ հաճելի պահերուն կը խառնեն իրենց չարախինդ՝ թոյնը…: Կ՚ապականեն ընկերութիւնը…։
Հակառակ որբերու եւ զրկեալներու հոգեբանութեանց մէջ դրսեւորուած բացասական այս գիծերուն՝ մանուկներու արժանաւորութեան իրաւունքը կը պահանջէ, որ մարդկային ընկերութիւնը որբին չզգացնէ իր որբ մեծնալը, զրկեալին՝ զրկուած ապրելու դառնութիւնը յօգուտ մարդկային ընկերութեան յետագայ առողջ կշռոյթին…։
Մասնաւոր պարագաներէն անկախաբար, պատերազմի մանուկներու սերունդը ընդհանրապէս չապրեցաւ ու չ՚ապրիր իր մանկութիւնը։
Անհոգ ու զուարթ մանկութեան տարիներու երջանկութիւնը խլուելով իրմէ, ապաստարանէ ապաստարան, կայքէ կայք, խուճապահար փախուստներու մղձաւանջով կ՚ապրի…: Մանուկը եւ մանկութիւնը յատկանշող երազներու աշխարհը փուլ կու գայ ռումբերու տեղատարափին տակ…: Աշխարհին զուարթ գոյնին հետ կը մթթնայ նաեւ մանուկներու հոգին։ Մո՛ւթ հոգին յոռետես կը դարձնէ մարդը։ Պատերազմի մանուկներու սերունդին մէջ յոռետեսութիւնը արմատներ արձակեց։
Խաղը՝ բնական իրաւունքը մանուկին՝ պատերազմի մանուկներու սերունդին զլացուեցաւ անարդարօրէն…։ Խաղի հաճոյքը խեղդուեցաւ ապաստարաններու ազատախեղդ նկուղներուն մէջ…:
Պատերազմի մանուկներու սերունդը ազատութիւնը՝ իբր բնական ձգտումներու, երջանիկ ցանկութիւններու թռիչք տուող հոգեկան պահանջք՝ չճանչցաւ: Կորսնցուց ազատ աճելու, շրջելու, երեւակայելու եւ թռչելու բաց երկինքն ու լուսաւոր հորիզոնները…: Ազատութեան կորուստը դարձուց մանուկը անհորիզոն խլեակ…։
Տարիքային իւրաքանչիւր շրջանի առանձնայատկութիւնները կազմող համն ու հոտը չառաւ։ Մանկութիւնը չվայելած պատանի դարձաւ, պատանութիւնը չճանչցած երիտասարդութեան սեմին թեւակոխեց…: Ահա թէ ինչո՛ւ մանկութիւն եւ պատանեկութիւն չապրած պատերազմի մանուկներու սերունդէն կազմուած երիտասարդութիւն մը Լիբանանի մէջ՝ պարպուեցաւ հաւատքէ եւ երազէ իր երկրին եւ անոր ապագային հանդէպ…:
Մանուկներու եւ պատանիներու յատուկ երեւոյթներուն ջնջումով եւ անհետացումով պատերազմական մթնոլորտի մէջ վայրագութիւնը տիրական տեղ գրաւելով պատերազմի մանուկներու սերունդի երեւակայութեան եւ տեսանելի աշխարհին մէջ, վայրագ բնազդները աճելու եւ դրսեւորուելու հող գտան…:
Մարդկայինը, ազնիւը, հոգեկան վսեմ ապրումները տեղի տալով եւ նահանջելով վայրագութիւնն ու կոպտութիւնը, յարձակողական ոճը շեշտուեցաւ երէցներու եւ երիտասարդներու, մանուկներու եւ ծնողներու փոխյարաբերութիւններուն ընթացքին:
Մարդկային ու բարոյական դասական արժէքները այրե՛ց պատերազմը, որուն աւերիչ ազդեցութեամբ պատերազմի սերունդ (կրտսերներն ու երիտասարդները ըմբոստացան ամէն հեղինակութեան դէմ, որ զիրենք ճիշդ ուղիի կ՚առաջնորդէ, հաւաքական ու ընդհանրական նպատակներու կը մղէ…:
Պատերազմի մանուկներու սերունդը կապկեց ու որդեգրեց այն բոլոր խաթարուած ու այլասերած բարքերը, որոնք պատերազմին պատճառով յայտնուեցան ընկերութեան մէջ։ Դպրոցն ու դաստիարակութիւնը կորսնցուցին իրենց հմայքն ու գրաւչութիւնը։ Դպրոցազրկութիւնը ո՛չ միայն ուսումնական բացեր եւ պարապներ յառաջացուց, այլեւ՝ ազնիւ ու պարկեշտ աշխատանքի արդիւնքով բարձրանալու եւ ապագան նուաճելու կամքը փճացուց։
Ահա թէ ինչո՛ւ՝ պատերազմի անշնչելի եւ աւերիչ մթնոլորտի հոգեկան, բարոյական եւ ֆիզիքական ծանր ճնշումներուն տակ՝ անոնց հոգիէն բարձրացող ճիչն է, որ վերագտնեն իրենց կեանքով յորդուն ժպիտը մտնեն կեանքի բնական ու բարօր հունին մէջ, վերայայտնուի իրենց դէմքին ու հոգիին մէջ ապագային նայող լաւատեսութեան շողը. աշխարհի ուրիշ մանուկներու պէս խաղաղօրէն թեւածեն ստեղծագործ երեւակայութեան ոլորտներուն մէջ։
Լիբանանի պատերազմի մանուկներու սերունդին քրիստոնեայ թէ մահմետական.– համաշխարհային խղճին ուղղուած լուռ ու ցասկոտ բողոքը կը բարձրանայ այսօր խաղաղութեան իրաւունքը բռնաբարող բոլոր չար ու անմարդկային ուժերուն ηէմ…:
29 Մայիս, 1989

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔ՝
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ

Մէկն ի պապանց պարոնորդի
Մէկն ի հարանց մուրող լինի.
Մէկին հազար ձի եւ ջորի
Մէկին ոչ ուլ մի, ոչ մաքի…
Մէկին ատլաս եւ ղըրմըզի,
Մէկին շապիկ մի չի հասնի.
Մէկին հարամըն յաջողի
Մէկին հալալըն կորսուի…
ՖՐԻԿ

Մարդկային ընկերութիւնը ընկերային արդարութեամբ առաջնորդուող կառոյցով մը օժտելու ձգտումը եղած է երազն ու պայքարը աշխատաւոր՝ ընկերութեան ընդհանրութեան եւ զայն ղեկավարող ընկերվարական մտածողութեան։
Անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ մարդուն կեանքին ընկերային պայմաններն ու բարեկեցութիւնը յուզած են անհատներն ու հաւաքականութիւնները՝ մարդկային առողջ ընկերութեան մը կերտումին համար ընկերային արդարութիւնը հեռանկար ունենալով։
Անհատը իբր մտածող եւ զգացող միաւորը ընկերութեան՝ ընդվզումով եւ դառնութեամբ արտայայտած է իր բուռն հակազդեցութիւնն ու ընդդիմութիւնը զինք ընկերային ճնշումի եւ շահագործումի ենթարկող պայմաններուն դէմ՝ տալով յաճախ աոնց արուեստի եւ ընկերային մտածողութեան գրաւոր արտայայտութիւն։ Ա՛յդ մտածողութիւնն է, որ մարդկային հասարակարգի հին ժամանակներուն՝ ստրկատիրութեան թէ աւատատիրութեան դէմ ժողովրդական պայքարի ուղիով, կը կազմէ ընկերվարութեան նախահիմքերը։ Նմանապէ՛ս այդ մտածողութիւնն է, որ անդրադառնալով ժողովրդական ճնշուող եւ շահագործուող խաւերուն վրայ, ծնունդ տուած է ընկերային շարժումներու իւրաքանչիւր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ պատմութեան ընթացքին՝ ընկերվարութեան որպէս մտածողութիւն եւ աշխարհահայեացք ձեւաւորուելէն եւ որպէս շարժում կազմակերպուելէն շատ առաջ…:
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ընկերային մտածողութեամբ վերլուծող միտքը 9-11-րդ դարերուն յառաջացած “Թոնդրակեան
Շարժումը “՚ հիմնադիր ունենալով Սմբատ Զարեհավանցին ՝ կը համարէ իրաւամբ ընկերային արդարութեան եւ հաւասարութեան համար մղուած պայքարի առաջին ցայտուն արտայայտութիւնը։ “Թոնտրակեան Շարժման ” մասին, “Հայկական Խ. Հանրագիտարանը ՚՚ անոր ընկերային գաղափարախօսութեան վրայ շեշտը դնելով, կը գրէ. «Ֆէոտալական յարաբերութիւնների զարգացման պայմաններում գիւղացիների ու քաղաքային չքաւորութեան շահագործման ուժեղացման հետեւանքով աղանդը (Թոնդրակեան) այնքան է տարածուել, նորանոր կողմնակիցներ ներգրաւել, որ վերաճել է հակաֆէոտալական եւ ազգային–ազատագրական շարժման՝ իր դէմ հանելով ոչ միայն հայ եկեղեցուն եւ խոշոր աւատատէրերին, այլեւ օտար բռնատիրողներին»:
Ճիշդ է թէ “Թոնդրակեան Շարժումը” քաղաքական թէ եկեղեցական աւատատէրերու (ֆէոտալներու) հալածանքով, ժամանակի ընթացքին տկարանալով կազմալուծուեցաւ յետագային, բայց շարժման մտածողութիւնը իր ազդեցութեան ուժեղ անդրադարձը շարունակեց ունենալ ստեղծագործական հոլովոյթին վրայ։ Անոր ամէնէն յատկանշական եւ ներկայացուցչական դէմքը միջնադարեան տաղերգու Ֆրիկն է (13-րդ դարուն), որուն ընկերային անարդարութեան դէմ արտայայտած բողոքն ու գանգատը, ո՛չ միայն գրական արժէքով կ՚արժեւորուի, այլեւ պատմական նշանակութեամբ, որ կը կանխէ ուրիշ ազգերու ընկերային խորքով գրական ստեղծագործութիւնները:
Մարդիկ կը ծնին հաւասար եւ իրենց արդար իրաւունքն է հաւասարապէս օգտուելու արտադրական միջոցներու բարիքներէն։ Ըստ Ֆրիկին, որ ժողովրդական ընկերային մտածողութեան պարզ ու նախնական հասկացողութեան արտայայտիչն է, մերժելի է դասակարգերու անհամեմատ եւ եւ շեշտուած տարբերութիւններով գոյութիւնը։ Չի՛ կրնար ընդունիլ, որ մարդիկ ի հօրէ ծնին ազնուական, իսկ ուրիշներ՝ մուրացկան: Ըլլան կալուածատէր հարուստներ եւ ո՛չ իսկ “ուլ մը կամ մաքի” մը ունեցող ընչազուրկ աղքատներ: “Հարամ”ով, անարդարութեամբ եւ տմարդի շահագործումով հարստութիւն կուտակողներ եւ ճակտի “հալալ” քրտինքով զրկեալներ։ Արտադրական միջոցներու աղբիւրը եւ դրամին ուժը իրենց իշխանութեան տակ ունենալով տիրող դասակարգերը ճնշած ու լռեցուցած են ընկերային ամէն բողոք եւ շարժում` ժողովրդական թէ մտաւորական մակարդակներու վրայ։
Հակառա´կ, որ մարդկային պատմութեան քրիստոնէական դարաշրջանը կը սկսի Քրիստոսին բերած Նոր Կրօնքին եւ ուսմունքին այս կեանքին համար ծառայող ընկերային եւ գերազանցապէս մարդկայնական խորքով յատկանշուող սկզբունքներով, [շարք մը մտածողներ աւելի առաջ երթալով՝ քրիստոնէութիւնը ընկերվարութիւն կը կը դաւանին) մարդկային ընկերութիւնը իր աշխատաւոր ընդհանրութեամբ տառապած եւ ընկճուած ապրեցաւ դրամատէր իշխող դասակարգի տիրապետութեան տակ…: Թշուառութիւնն ու Ընկերային Անարդարութիւնը շարունակեցին մնալ մարդկային ընկերութեան մեծագոյն ընկերային Չարիքը։
Միջնադարուն յատկապէս եւ ընդհանրապէս մինչեւ օրս քրիստոնէութիւնը իբր կրօնք շահագործող որոշ կրօնականներ եւ եկեղեցական ֆէոդալներ շեշտը դնելով քրիստոնէութեան բնազանցական խորքին եւ երկնային հանգամանքին վրայ՝ կ՚անտեսեն անոր ընկերային–տնտեսական առնչութիւնները կեանքին եւ տիեզերական այլ հարցերուն հետ։ Այդպիսիներուն համար եւ այդպիսիներու ձեռքին կրօնքը կը դառնայ շահագործման միջոց եւ առարկայ։ Քրիստոս՝ իր օրին յեղափոխականի խիզախութեամբ խարանեց ու խարազանեց իր քարոզած ուսմունքին չարաշահումներն ու չարաշահողները…:
Բարեբախտութիւն է հաստատել այսօր, որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, որ “էքիւմէնիք” շարժումն է, ըստ էութեան կը ձգտի նաեւ քրիստոնէութիւնը կեանքով իմաստաւորել եւ կեանքին հետ ներդաշնակել՝ “կրօնք եւ կեանք” սկզբունքով։ Այդ հայեցողութեամբ ալ, կը պայքարի ցեղային խտրականութեան դէմ։ Կը կողմնորոշուի ազգային ազատագրական պայքարներու կողքին։ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան շրջագիծէն ներս իրաւազրկուած ժողովուրդներու դատը կը պաշտպանէ։ Եւ մարդու արժանաւորութեան պահպանման նախանձախնդրութեամբ զրկեալներու եւ շահագործուողներու կողքին՝ Ընկերային Արդարութեան կիրարկումի ջատագովը կը հանդիսանայ՝ իբր առողջ եւ արդար ընկերութեան մը համար նախապայման:
18-րդ դարուն, քաղքենիական (Պուրժուական) հասարակարգի օրով առաւել եւս շեշտուեցան եւ սրեցան դասակարգային հակասութիւններու հետ, ընկերային անարդարութեան մակընթաց երեւոյթները։ Ընկերային շարժումներու ծաւալման հետ, ընկերային գրականութիւնը նոր զարթօնք ապրեցաւ: 18-րդ դարը յատկանշող 1789-ի Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւնը իր մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ Պապէօֆ ընկերվարականին “Հաւասարներու Շարժումը”, որ առաջին անգամ ըլլալով, Ընկերային Անարդարութեան դէմ բացայայտ կեցուածքով եւ հրատարակուած մանիֆեսթով կը պահանջէր աւատապետական իրաւունքի ամբողջական ջնջումին հետ, հողային մեծ սեփականատիրութեան սահմանափակումը։ Պապէօֆի ընկերային մտածողութիւնն ու շարժումը կը ձգտէր յեղափոխութեան ճամբով ընկերային կարգուսարքը փոխել եւ հարստութիւնը ամբողջ ընկերութեան սեփականութիւնը դարձնելով ապահովել անոր արդար եւ հաւասար բաշխումը։ Որովհետեւ, ըստ ընկերային մտածողներու հայեցողութեան, բոլոր ժամանակներու դրամատիրական հասարակարգերու տակ, մասնաւոր սեփականութեան եւ հարստութեան անհակակշիռ՝ կուտակումը բուն ընկերային չարիքին արմատն է, որ առիթ ու միջոց կ՚ընծայէ աշխատաւոր ընդհանրութեան շահագործումին եւ “Յաւելեալ Արժէք”ի դիզումին։
Ընկերային շարժումներու զարթօնքը նոր մակընթացութիւն ապրեցաւ ԺԹ. դարու Բ. կէսէն ետք, երբ ընկերվարութեան տրուեցաւ գիտական խորք եւ մտածողութիւն եւ “յաւելեալ արժէք “ի տեսութեան հիմին վրայ դասակարգային պայքարը սրելով, ծաւալ եւ համընդհանուր տարողութիւն ստացաւ՝ աշխատաւոր ընդհանրութեան կազմակերպումով:
Մայիս մէկը հռչակուեցաւ ամբողջ աշխարհի աշխատաւորութեան համերաշխութեան եւ Ընկերային Անարդարութեան դէմ Պայքարի օր՝ 1889-ին “Փարիզի Բ. Ինթերնասիոնալի ” համաժողովին։ Մայիս մէկի ի նշանակման շարժառիթ ու մեկնակէտ կը ծառայէր 1886-ի Մայիսի մէկին Շիքակոյի աշխատաւորներուն արիւնոտ գործադուլը, որ ճնշուած ու խափանուած էր իշխանաւորներու ճմլող կրունկներուն տակ։
1890-էն ասդին, աշխարհի տարբեր երկրամասերու վրայ, Մայիս մէկը՝ որպէս աշխատաւոր ընդհանրութեան տօն նշում աշխատաւոր զանգուածներու օրինաւոր իրաւունքներու եւ ընկերային Արդարութեան պահանջքներու գործադրութեան կարգախօսներով։ Մայիս մէկեան կարգախօսները իւրաքանչիւր երկրի պայմաններուն առանձնայատկութիւններով կը յատկանշուէր եւ տեղ–տեղ ան կ՚ուղղուէր միապետական եւ բռնակալական վարչակարգերու տապալման դէմ՝ զանոնք հանրապետականով եւ դեմոկրատական կառոյցով փոխարինելու առաջադրանքով։ Հիմնականին մէջ, երկրէ մը ներս, ընկերային բարեկարգումները կը մնային Մայիս մէկեան աշխատաւորական շարժումներու գլխաւոր նպատակակէտը։
Հայ իրականութեան մէջ, առաջին անգամ Մայիս մէկը իբր աշխատաւոր ընդհանրութեան իրաւունքներու եւ պահանջքներու պաշտպանութեան “պայքարի օր”, ընդհանրացնելն ու անոր կազմակերպական շարժում ու ծաւալ տալը,– ցոյցերու եւ գործադուլներու կազմակերպումով եւ մասնակցութամբ,– եղած է հիմնադրութենէն ասդին Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը՝ իր ծրագրին ընկերային դաւանանքով:
Ընկերային Արդարութեան պետական կառոյցներէն ներս որդեգրման եւ դեմոկրատական ազատութիւններու ի խնդիր՝ Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւնը գործակցելով իր՝ որպէս կազմակերպական կառոյց գտնուած երկիրներէն ներս, համախոհ ընկերային եւ դեմոկրատական շարժումներու հետ, սատարած է բարեկարգումներու յառաջընթացին։
Ակնարկ մը այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու պետական կառոյցներու ընկերային երեսին վրայ, պիտի հաստատէ, որ 1890-էն ասդին մասնաւորաբար, աշխատաւոր ընդհանրութեան կողմէ Ընկերային Արդարութեան համար մղուած պայքարը ինչպիսի փորձարանաւոր հանգրուան անցնելով հող ու իրաւունք շահած է։ Որովհետեւ, աշխատաւոր ընդհանրութեան իրաւունքներու արդարացիութենէն մեկնող յառաջադէմ երկիրներու պետական մտածողութեան ընկերային քաղաքականութիւնը համոզուած է, որ մարդկային առողջ եւ արդար ընկերութեան մը համար՝ Ընկերային Արդարութիւնը հիմք դառնալու է։
Ընկերային Արդարութեան հիմքը կը կազմէ հարուստ եւ աղքատ դասակարգերու ծայրայեղ տարբերութիւններու ջնջումը։
Ընկերային Արդարութեան պետական սկզբունքը պիտի չընդունի եւ պիտի չարտօնէ, որ ըլլան եւ նոյն ընկերութեան մէջ ապրին ծայրայեղ հարուստներ եւ յետամնաց, չափազանց աղքատներ:
Ընկերային տնտեսական առողջ քաղաքականութեամբ եւ սկզբունքներով, որ Ընկերային Արդարութեան հիմքը կը կազմէ, արմատէն վերացնելու է առասպելական եկամուտներու եւ շահոյթներու մենաշնորհեալ աղբիւրներն ու առանձնաշնորհումները: “Ազատ տնտեսութեան” ըմբռնողութիւնը, որ հակակշիռէ զերծ կը պահէ առասպելական եկամուտներու կուտակումը, բոլորովին անյարիր է ընկերային արդարութեան ոգիին եւ դուռ կը բանայ բացայայտ եւ աղաղակող անարդարութիւններու յառաջացման։ Ընկերային Արդարութեան սկզբունքը “Հակակշռուած տնտեսութեան” կիրարկումով, եթէ մէկ կողմէ պիտի ծառայէ կողմնակի, զարտուղի եւ հակաօրինական միջոցներով հարստացումներու վերացման, միւս կողմէ` որպէսզի զրկեալներու եւ ընչազուրկներու դասակարգ չկազմուի, աղքատութեան տուն տուող պայմաններու բարելաւման։ Արդարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքին համաձայն պիտի բաշխուի երկրի մը, հիմնարկի մը կամ գործարանի մը եկամուտն ու արտադրութեան բարիքները:
Ակնարկ մը աշխարհի աղքատութեան պարզած վիճակագրական ներկայ տուեալներուն վրայ պիտի հաստատէ, որ հակառակ նոյնիսկ Ընկերային Արդարութեան կարգ մը սկզբունքներու գործադրութեան, աղքատութիւնը կը մնայ վէրքը մարդկային միջազգային ընտանիքին։ Ըստ “Աշխարհի Դրամատան” պատրաստած տեղեկագրին, աշխարհի ամէնէն հարուստ երկրին՝ Ամերիկայի մէջ Ռեկընի իշխանութեան տարիներուն աղքատութիւնը աւելցած է: Վիճակագրական տուեալներով՝ 32,4 միլիոն մարդիկ ամերիկայի բնակչութենէն աղքատութեամբ կ՚ապրին։ “Ուոլսթրիտ Ժուրնալ”ի գնահատութեամբ. «Ներկայիս գոյութիւն ունին երկու Ամերիկաներ, մէկը քաղաքայնացած, միւսը գիւղական շրջաններէ բաղկացած։ Տարուէ տարի եւ աւելի խոր փոս մը կը բացուի անոնց միջեւ։ Գիւղական շրջանները անապատներու կը վերածուին եւ իրենց բնակչութեան ապրելակերպի մակարդակը կը ցածնայ։ Քալիֆորնիոյ 58 շրջաններուն վրայ, աւելի քան քսանը հետզհետէ աւելի բազմացող անգործներ կը հաշուեն, ինչ որ կը վերաբերի հիմնականապէս գիւղական շրջաններու»:
Ի տես Նիւ Եորք քաղաքի յիսուն հազարէ աւելի անապաստանեալներու եւ մտային խանգարումներէ տառապողներու
1985–ի Նիւ Եորքի քաղաքապետ Սթենլի Պրէզնոֆ պիտի յայտարարէր. «Ես չեմ տեսներ թէ ո՞ւր է քաղաքացիական ազատութեան հարցը, երբ փողոցներու մէջ եւ մայթերու վրայ ցուրտէն մարդիկ կը մեռնին եւ անկարող ենք այդ կացութենէն դուրս գալու»:
Դասակարգային շեշտուած տարբերութիւններու երկիր ճանչցուած է Մեծն Բրիտանեան։ Ընկերային տագնապներու տեղի տուող պատճառներէն մէկը, յատկապէ՛ս ճարտարարուեստի մարզէն ներս կը նկատուի ազնուականներու դասակարգին աշխատելու պարտաւորութենէն զերծ մնալու հանգամանքը, որոնց օրինակին կը հետեւին նաեւ ուրիշներ։ Դասակարգային տարբերութեան ուրիշ ցայտուն պատկեր է կրթական դրութիւնը։
Աղքատներու զաւակները կը յաճախեն կառավարական դպրոցներ, ուրկէ մեծ մասը կիսատ դուրս կու գայ։ Մինչ “ազնուականներու” զաւակներ բարձր դասու դպրոցներ կը յաճախեն եւ աւարտելէ ետք, դրամատնային եւ ելեւմտական մարզերու մէջ պաշտօններ գրաւելով, յետագային կը նետուին քաղաքական ասպարէզ:
Միջազգային մամուլին կողմէ համաշխարհային ընտանիքին համար վիրաւորանք համարուած է եւ իբր դասակարգային տարբերութիւններու աղաղակող փաստ խարանուած է թագաւորական ընտանիքի անդամներուն տարեդարձներու նշումին համար մսխուած հազարաւոր տոլարները, մինչ՝ «այլ երկիրներու մէջ կան մարդիկ, որոնք ցորենի հատիկի մը կարօտով կ՚ապրին»:
1985-ին, “Համաշխարհային Դրամատան ” նախագահը տագնապալի աղաղակ բարձրացուց աշխարհի մէջ՝ իբր ընկերային անարդարութեան հետեւանք՝ աղքատութեան շահած հողին համար։ Աշխարհի եւ մարդկութեան համար ամօթ համարեց այն նուաստացուցիչ իրողութիւնը, ըստ որուն «երկիրներ կան, ուր մանուկներուն կէսէն աւելին, հինգ տարեկանի չհասած կը մեռնին աղքատութենէ»:
Ընկերային բարօրութեան դրութիւնը երկրի մը պետական կառոյցէն ներս միակ ճիշդ ու փրկարար ուղին է աշխատաւոր ընդհանրութեան կեանքի բարեկեցութեան եւ կենսապայմաններու մակարդակի որակային բարձրացման, ինչպէս նաեւ անսանձ հարստացումներու պետական հակակշռումին համար։
Մէկ անգամ ապրելու կոչուած մարդը պիտի ապրի այնպէ՛ս, ինչպէս վայել է մարդու արժանաւորութեան։ Ընկերային բարօրութեան պետական դրութիւնը պիտի ապահովէ մարդուն եւ աշխատաւորին տնտեսական կարիքները՝ զերծ պահելով զայն մնայուն կերպով ընկերային անապահովութեան մղձաւանջէն։ Զրկուածի եւ շահագործուածի հոգեբանութենէն։ Ընկերային ապահովութեան եւ մարդկային բարօրութեան պետական կառոյցն է, որ չքաւորութեան հետքերը պիտի անհետացնէ, զայն նկատելով մարդկային ընկերութեան մեծագոյն չարիքը։
Որեւէ երկրի եւ որեւէ ընկերութեան մէջ թշուառութեան գոյութիւնը ո՛չ միայն արդարացուցիչ հիմք պիտի չունենայ, այլեւ անոր տուն տուող պատճառներուն եւ պայմաններուն դէմ պայքարը պետութեան մը եւ ընկերութեան մը ընկերային քաղաքականութեան հիմնական գիծն ու առաջադրանքը պիտի կազմէ՝ ընկերային հաւասարութեան սկզբունքով կեանքի բարձր եւ որակաւոր մակարդակի մը ստեղծման համար: Այս իսկ կը կազմէ
Ընկերային Արդարութեան հիմքը՝ ի խնդիր մարդկային առողջ ընկերութեան մը…:

27 Ապրիլ, 1989

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ԱՊԱԿԱՆՈՒՄԸ՝
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ

«Աշխարհի քաղաքներուն մէջ բնակող բնակիչներուն միայն 20 առ հարիւր համեմատութիւնը մաքուր օդ կը շնչէ։ Վերջին տասնամեակին,
60 երկիրներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները, ի յայտ բե րած են, որ 1,8 միլիառ քաղաքացիներու շնչած օդը անընդունելի կերպով ապականած է եւ կը պարունակէ բարձր քանակութեամբ թունաւոր ծծմբային կազ, ծուխ եւ փոշի, որոնք շնչառական գործարաններու հիւանդութեանց պատճառ կրնան դառնալ»։
«ՄԱԿի Տեղեկագիրէն»
Մարդկութիւնը իր ընդհանրութեան մէջ յուզող եւ մտահոգող ծանրակշիռ տագնապ է, աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն վրայ, կենսոլորտի ապականումով առաջացած վտանգը։ Վտանգ մը, որ աներեւոյթ եւ մահաշուք ստուերներով յառաջանալով կը սպառնայ ապագայ սերունդներու մարդկային ճակատագրին հետ, կեանքի բնական աճին։ Ջրածնային պատերազմի պատճառած ահարկու վախէն եւ անձկութենէն ետք, մարդկութիւնը ցնցող ամէնէն ուժեղ տագնապը այսօր կենսոլորտի ապականումն է, որ մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած՝ կ՚ահազանգուի ներկայիս գիտական, մտաւորական, Միացեալ Ազգերու
Կազմակերպութեան թէ պետական մակարդակներու վրայ։
Դարանակալ այս վտանգէն, սակայն, անտեղեակ կը մնան ժողովրդական խաւերը, որոնք ամէն օր իրենց առօրեայ մտահոգութիւններու ճնշող լուծին հետ կը շնչեն ապականած քաղաքներու թունաւոր օդը, ծծմբային կազը, գործարաններէն բարձրացող ծուխն ու աղմկայոյզ ճամբաներու քարիւղահոտ փոշին…։
Մարդուն համար մաքուր ու կենսանորոգ օդ շնչելու մարդկային տարրական իրաւունքն անգամ, երազ կը դառնայ։ Կը թուի անցեալ եւ յուշ…: Կը մնայ հոգեծարաւ կարօտ…:
Կենսոլորտի ապականման տարողութիւնը իր մահացնող հետեւանքներով գնահատող ընկերային ու հանրօգուտ կառոյցները, ժամանակէ մը ասդին նուիրուած են կենսոլորտի պաշտպանութեան պայքարին։ Պայքար մը, որ հակառակ իր մեկնակէտին մարդկայնական խորքին կը մնայ առայժմ անզօր, անտեղիտալիօրէն առաջացող ճարտարարուեստականացած կեանքի ապականութիւնները դիմագրաւելու։ Մարդկային կեանքին տեւականացումը ապահովելու՝ օդին մէջ կուտակուող, թանձրացող ծուխի ամպերէն…. շրջապատի աղտոտութենէն, ջուրի պղտորութենէն։ Մարդուն կենսառողջութեան աղբիւրները այս ընթացքով հետզհետէ պիտի ցամքին…։
Գիտա-յեղափոխական դարաշրջանը, որ այլապէս մարդկային քաղաքակրթութեան շնորհած յառաջդիմութեան ցնցիչ համայնապատկերով կը ներկայանայ 20-րդ դարու մայրամուտին, կենսոլորտի ապականման ծանրակշիռ վտանգը՝ համաշխարհային ծաւալով եւ տարողութեամբ՝ կը դնէ մարդկութեան առջեւ…:
Ամէն երկինքի տակ մարդը շրջապատող բնութեան բնական տարածութիւնները՝ ընդարձակուող քաղաքներու հեղձուցիչ ճնշումէն, կը փոքրանան ու հետզհետէ անհետանալու վտանգը կը դիմագրաւեն…։ Մարդու շրջապատէն կը հեռանան կանաչ ոլորտները…: Մարդուն բնական բարեկամները։ Մարդը կը խզուի կենսունակութեան իր արմատներէն։ Կանաչ դաշտերն ու ջինջ երկինքները առասպելներ կը թուին արդի քաղաքներու բնակիչ քաղաքակրթուած մարդուն համար։ Անհուն ու կանաչապատ տա րածութիւններու փոխարէն ծխածածկ եւ ճնշիչ օդի ապականութիւնը կը շնչէ այսօրուան մարդը եւ ջինջ ու կապոյտ երկինք դիտելէ աւելի, արուեստական կան մշուշներու տեսարաններով կը պղտորին տեսանելի հորիզոնները…: Ա՛յս է արդիւնաբերական “հսկաները” (քաղաքը) շրջապատող իրականութիւնը։ Ըստ վիճակագրական տուեալներու արդիւնաբերական զարգացումը, որ տնտեսական շահոյթներու վիթխարի աղբիւր է, միջավայրի ապականման հիմնական պատճառն է։ Հողին, ջուրին, օդին արդիւնաբերական թափօններով թունաւորումը մահացուօրէն կը ներգործէ մարդուն կեանքին վրայ։ Մեծ քաղաքներու ծանր արդիւնաբերութեան ձեռնարկներն ու գործարանները երկար ատեն մարդուն դարանակալ թշնամիները մնալէ ետք, շրջապատի ապականման աւերը գործելով, բացայայտուած են այսօր, եւ ամէն երկինքի տակ “Շրջապատի պաշտպանութեան” ընկերակցութիւնները սահմռկած վտանգին ահաւորութենէն կը բարձրացնեն իրենց մարդապաշտպանման ճիչը…: Այդպիսի՛ ահազանգ մըն էր, որ վերջերս Խ. Միութեան մէջ կայացած կուսակցական համագումարի բեմէն հնչեցուց Ֆիկոր Մորկան [շրջապատի պաշտպան] հետեւեալ կոչով. «Քիմիագէտներ, որոշ ժամանակի համար դադրեցուցէք ճարտարարուեստի ծաւալումը։ Դադար առէք եւ մեզի առիթ տուէք բնական օդ շնչելու: Մաքրեցէ՛ք ճարտարարուեստական թափօնները»։
Ճարտարարուեստական թափօններէն եւ արդիւնաբերական ծուխերէն յառաջացած մահացու ապականումը, միանալով մթնոլորտին մէջ գերաճող ածխաթթու կազին՝ լուրջ սպառնալիք մը դարձած է ապագայագէտներու հայեացքով՝ մարդկութեան ապագային համար։ Այդ վտանգը այսպիսի համեմատութեամբ պատկերուած է Ալեքսանդր Կորպովսկիի “2000 թուականը եւ յետոյ” հռչակաւոր եւ ապագան հեռանկարող գիրքին մէջ. «Արդիւնաբերական յեղափոխութիւնից մինչեւ օրս ածխաթթու կազը աճել է 10-20 տոկոսով։ Մինչեւ 2050, իսկ որոշ տուեալներով՝ մինչեւ 2000 թուականը նրա պարունակութիւնը մթնոլորտում կը կրկնապատկուի։ Դրա հետեւանքով ջերմաստիճանը միջին լայնութիւններում կը բարձրանայ 2-3 աստիճանով։ Մինչեւ 2100 թուականը միջին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ եւս 6 աստիճան:
Իսկ բեւեռներում աւելի շատ կը բարձրանայ. մինչեւ 2000 թուականը՝ 6-15 աստիճան: Դա բաւական է, որպէսզի սառոյցները հալուին եւ համաշխահային ովկիանոսի մակարդակը բարձրանայ։
Լրիւ հալչելու դէպքերում ովկիանոսների մակարդակը կը բարձրանայ 65 մեթը, որի հետեւանքով Եւրոպայի եւ Հիւսիսային
Ամերիկայի շատ երկիրներ կ՚անցնին ջրի յատակը»: Ջրհեղեղի վտանգ մը անխուսափելի կը դառնայ երկրագունտի որոշ շրջաններուն մէջ։
Բնական օդ շնչելու կարելիութենէն եւ բաղդաւորութենէն սկսած են զրկուիլ քաղաքներու կեդրոնի շրջակայքը աշխատողները եւ ապրողները։ Քաղաքի կեդրոնին մօտ աշխատողներուն արեան մէջ աւելի շատ կապար յայտնուած է ըստ կատարուած արեան քննութիւններու վիճակագրութեան։ Այս ընթացքը շարունակուելու պարագային, մարդուն գոյապահպանման թշնամին պիտի դառնայ շնչած օդը…: Դժբախտ իրողութիւն կը մնայ միւս կողմէ ա՛յն, որ շրջապատի ապականութեանը՝ ծով, լիճ, գետ, օդ, հող՝ մաքրելու տնտեսական միջոցառումները այնպիսի հսկայական գումարներու կը կարօտին, որ վեր կը մնան երկիրներու պետական պիւտճէի կարելիութենէն։ Մարդը կրկին զո՛հը կը դառնայ նիւթական հաշուարկումներու անգութ նկատառման…։
Միա՛յն ճարտարարուեստականացած քաղաքներու բնակիչներուն չի սպառնար վտանգը, այլ՝ այնպիսի՛ երկիրներու, որոնք անմարդկայնօրէն կ՚ողողուին շողարձակ եւ թունաւոր թափօններու արտածուած կուտակումներով…: Թափօններու արտածումները կը կազմակերպուին ճարտարարուեստով յառաջացած դրամատիրական պետութիւններու կողմէ՝ շահագործելով երրորդ աշխարհի եւ յատկապէս ափրիկեան երկիրներու տնտեսական յետամնացութիւնը։ Անոնք իրենց թափօնները անխղճօրէն մէկտեղելով թերաճ երկիրներէն ներս, մեղսակցութեամբ կառավարական իշխող շրջանակներուն, կը բռնաբարեն մարդկային իրաւունքը…: Լիբանան եւս տիրող կացութեան պղտոր իրավիճակով դարձաւ շահագործման առարկայ թափօններու ներածման…:
Համաշխարհային հանրային կարծիքը, աշխարհի ժողովուրդներու մարդկայնական հոսանքները, շրջապատի պաշտպանութեան պետական թէ անկախ կազմակերպութիւնները եւ վերջապէս ՄԱԿ-ը որպէս մարդկային իրաւանց գերագոյն պաշտպան՝ բարձրացնելու են իբրեւ մարդկայնական արարք զգաստութեան եւ խղճմտանքի կանչը՝ ի խնդիր արգելակման Եւրոպայի “հասարակաց շուկայի” հիմնարկներուն մէջ կուտակուող տարեկան 150 միլիոն թոն ճարտարարուեստական թունաւոր թափօններու արտածման դէպի երրորդ աշխարհի երկիրները։ Իր երկրին աղտով ու աղբով ուրիշ երկիրներու բնական օդը թունաւորելը՝ ոճի՛ր է մարդուն եւ մարդկութեան դէմ …։
Նոյնքա՛ն եւ աւելի մտահոգութիւն դարձած է կենսոլորտի ապականման տեսակէտով ինքնաշարժներու շարունակական աճը քաղաքներու մէջ ու քաղաքներու ընդարձակումով օդանաւակայաններու ներգրաւումը քաղաքի ծիրէն ներս։ Ինքնաշարժներու խճողումէն տառապող քաղաքները խեղդուած են նաե՛ւ անոնց կազերուն արտադրած ծուխով, որ ո՛չ միայն ողողած է փողոցները, շէնքերը, այլեւ՝ քաղաքաբնակ մարդոց ներքին գործարանները…: Քաղաքաբնակ մարդը այսօր կազին ծուխը կը շնչէ…:
Ըստ վիճակագրութեան մը պատկերաւոր մէկ տուեալին. «Լոնտոնի կեդրոնը կարգաւորող ոստիկանը օրուան մէջ այնքան վնասակար կազեր կը չնչէ, որքան 100 ծխախոտ ծխող մարդը»:
Քաղաքին մէջ ներգրաւուած օդանաւակայաններէն բարձրացող իւրաքանչիւր օդանաւին արձակած կազէ թափօնը համահաւասար կը նկատուի մօտաւորապէս վեց հազարէ աւելի ինքնաշարժներու սրսկած կազային թունաւորումին։ Ապագայագէտները մտահոգութեամբ հարց կուտան. Եթէ այսօր ա՛յս է կացութիւնը եւ վտանգին տարողութիւնը, հապա ի՞նչ կրնայ ըլլալ մինչեւ 2000 թուականը…:
Այսօրուան եւ վաղուան աշխարհը տագնապեցնող ծանրակշիռ հարց է կենսոլորտի ապականումը, որ սկսած է ստանալ քաղաքական տարողութիւն։ Մարդկութեան յառաջդիմութեան ցուցանիշ նկատուի, թէ աշխարհի դրամատէր ընկերութիւններու եւ գործարանատէրերու հարստացման աղբիւր, հարցին էութենէն ոչինչ կը փոխուի։ Ճարտարարուեստական թափօններով եւ փոխադրամիջոցներու արտադրած թունաւոր ծուխերով կենսոլորտի ապականման ողբերգութիւնը կը կազմէ այսօրուան մարդկութեան հետ ապագայի սերունդներու մղձաւանջը՝ մարդկային իրաւունքի պաշտպանման տեսանկիւնով…։

31 Դեկտեմբեր, 1988

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

«24 Ապրիլ 1985–ը այսուհետեւ կը նշանակուի՝ մարդու դէմ մարդու անմարդկայնութեան յիշատակութեան օր, եւ Մ. Նահանգներու նախագահին կ՚արտօնուի եւ կը թելադրուի, որ հրապարակէ ամերիկացի ժողովուրդին ուղղուած յայտարարութիւն մը՝ ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու եւ մասնաւորապէս մէկուկէս միլիոն հայերուն յիշատակութեան նուիրուած այսօրուան յարգումին ի խնդիր, որոնք 1915-1923 ժամանակամիջոցին զոհ գացին Թուրքիոյ մէջ կատարուած ցեղասպանութեան եւ որոնց յիշատակը կ՚ոգեկոչուի այս թուականին համայն հայութեան եւ իրենց բարեկամներու կողմէ, ամբողջ աշխարհի մէջ»։
«Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԷՆ»

20-րդ լուսաւոր դարը, որ սկսաւ համաշխարհային Ա. պատերազմի բռնկումով, սեւցուց մարդկութեան երկնակամարը պատերազմին սփռած աւերածութիւններով քաղաքակրթութեան դէմ՝ թէ մարդկային ամէն ազգի ահաւոր կորուստներով․ մարդուն դէմ անմարդկայնութեան սարսռազդեցիկ ոճիրներով։
Ա. համաշխարհային պատերազմին մարդկութեան տուած կորուստներուն ամէնէն ծանրակշիռը, անդարմանելին եւ անպատիժը մնաց ու կը շարունակէ մնալ հայութեան դէմ գործուած մեծ ոճիրը՝ ցեղասպանութիւնը, իր աւելի քան երկու միլիոն հայերու նահատակութեամբ, իրենց հողերէն տարագրուած ու աքսորուածներու տեղահանութեամբ, աւելի քան երկու հազար մտաւորականներու սրածումով, մշակութային արժէքներու անէացումով եւ իւրացումով, հազարամեակներէ ասդին իր հողերուն վրայ ապրող եւ ստեղծագործող ժողովուրդի մը պատմական հայրենիքին բռնագրաւումով։ Ահա թէ ինչո՛ւ մարդկային իրաւանց լոյսին տակ մարդու դէմ մարդու անմարդկայնութեան իբր ամէնէն հրէշային արտայայտութիւնը, թուրքերու կողմէ գործադրուած եղեռնը հայութեան դէմ համարուեցաւ 20-րդ դարու Ա. ցեղասպանութիւնը բառին բովանդակ առումով եւ ամբողջական իմաստով։ Ցեղասպանութեան փաստական իրողութիւնը առաջին հերթին հաստատողն ու խոստովանողը նոյնինքն ցեղասպանն եղաւ. «Մենք՝ թուրքերս պարտաւոր ենք ու կը ցանկանք համաշխարհային այս պատերազմը օգտագործել` մեր հաշիւը մեր ներքին թշնամիներուն (այսինքն հայերուն) հետ հիմնովին մաքրելու համար, առանց արտասահմանի դիւանագիտութեան կողմէ այս անհրաժեշտ աշխատանքի մէջ խառնուելու»:
Առանց արտասահմանի միջազգային դիւանագիտութեան կողմէ խառնուելու եւ խանգարուելու Օսմանեան թուրքիոյ իթթիհատական բանթուրքիստական կառավարութիւնը գործեց մարդկային պատմութեան մէջ իր նախընթացը չունեցող եղեռնը՝ մեղսակցութեամբ եւ գործակցութեամբը “մարդկայնական եւրոպայի” եւ յատկապէս ցեղակրօն կայզերական գերմանիոյ։
Մարդկային իրաւանց լոյսին տակ ինչպէ՛ս չմէջբերել երգիծական այն սուր դիտողութիւնը, որ կը վերաբերի այդ օրերու Եւրոպային. “Եւրոպան, որ անասունները հովանաւորելու հաստատութիւններ ունի, միթէ՞ կարող է թոյլ տալ, որ միլիոնաւոր մարդիկ եաթաղանի զոհ դառնան “:
Ռազմական նպատակներու գործադրութիւնն ու տնտեսական շահերու հետապնդումը ոտնակոխ կ՚ընէ մարդկային իրաւունքի ամէն սկզբունքի հետ կրօնական–դաւանակցական հասարակաց տուեալներ՝ գործելու ու գործադրել տալու համար այնպիսի ոճիրներ, որոնք մարդկային խղճմտանքով, ընկերային-բարոյական ըմբռնողութեամբ եւ կրօնական մարդասիրութեամբ անընդունելի են։ Անհաշտ են մարդու հանդէպ մարդկայնութեան կեցուածքին։
Եթէ կայզերական գերմանիան հովանաւորողն ու քաջալերողն էր հայկական ջարդերու իթթիհատական գործադրութեան, եւրոպան թուրքիոյ հետ իր տնտեսա–մարտավարական շահերու զուգակցութեամբ դաւաճանեց իր ասպետական կոչումին, ոտնահարեց իր իսկ կողմէ մարդկային իրաւունքի հռչակագիրները: Այդ օրերուն Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութիւն վարող ֆրանսացի դիւանագէտներ Տեշանելն ու Պրիան՝ մոռնալով իրենց հայրենիքին յեղափոխական աւանդոյթները, Ռոպես
Փիէրի ֆրանսային մարդկային իրաւունքի եւ ազատութիւններու առաջին հռչակագիրները որդեգրած եւ աշխարհին համար յայտարարած իրողութիւնը՝ իր թիկունքէն հարուածեցին Կիլիկիա ապաստանած՝ ջարդուած, հալածուած, տեղահանուած հայութեան բեկորները։ Անմարդկայնօրէն գործակցելով քեմալականներու հետ ջարդի նոր բեմադրութիւններ կազմակերպեցին իրենց մարդկային ու ազգային տարրական ու օրինաւոր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը հերոսաբար ստաձնած Կիլիկիոյ հայութեան դէմ։ 1920-ին քեմալական թուրքիոյ կողմէ 30 հազար հայերու նոյն կոտորածին եւ բազմահազարներու իրենց պապենական օճախներէն հեռացուելու քստմնելի տեսարանին եւ դիւանագիտական վատ ու անսիրտ քաղաքականութեան ի տես՝ պատմաբան
Լէօ պատմութեան համար պիտի արձանագրէր. «Ֆրանսական կառավարութիւնը ծախեց թուրքիայի հայութիւնը այնպիսի սրիկայութեամբ, որպիսին կարելի է գտնել գուցէ միմիայն մարդկային ամենաընկած շրջանների մէջ»։
Մարդկային ամենաինկած անասնական բնազդներու զոհը եւ միաժամանակ կերը դարձած հայութիւնը՝ 1915 Ապրիլ 24-ին, առաւ նաեւ իր պատմութեան մեծագոյն դասը մարդկային իրաւունքներու կեղծ պաշտպաններու քաղաքական տմարդի հերետիկոսութենէն…։
Քաղաքական մարդատեաց հերետիկոսութեան մասին իր ականատես վկայի տպաւորութիւնը տուած է բանաստեղծ եւ մտածող Աւետիք Իսահակեան՝ այսպիսի խարանող տողերով. «Եւրոպան ոչ միայն չի օգնի մեզ, այլեւ թշնամի է եւ հրճւում է հայկական բնաջնջումով որուն համոզւում եմ փաստերի վրայ. ինձ համար Անգլիան եւ Ֆրանսան այնքան դաժան գտնուեցան, ինչքան Գերմանիան. քրիստոնէութիւն, քաղաքակրթութիւն, մարդասիրութիւն դատարկ հնչիւններ են եւրոպացու աչքում. պէտք է երես դարձնել այս աւազակներից եւ մօտենալ Ռուսաստանին»:
Հայկական ցեղասպանութիւնը մարդկային իրաւանց լոյսին տակ առնելու ճիգն ու մտասեւեռումը կը մեկնին միջազգային գետնի վրայ արդարութեան համար կիրարկուող այն սկզբունքէն, որ մէկ կողմէ մէ իրաւունքի ճանաչման շիռքն է. միւս կողմէ իրաւունքը պարտադրող ուժ։ Արդարութեան աչքին՝ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման հետ հայկական դատի իրաւական գոյութեան ընդհանրացումը միջազգային հանրային կարծիքի մօտ, չի՛ բացառեր նաեւ հայութեան ազատագրական ձգտումի ուժական դրսեւորումները որովհետեւ ինչպէս ըսուած է. «Սուրը առանց կշիռքի մերկ բռնութիւն է, կշիռքը առանց սուրի՝ իրաւունքի անզօրութիւն»:
Հայկական ցեղասպանութիւնը առաջին հերթին արդի դիւանագիտութեան լեզուին հաղորդ պահելու, համաշխարհային հանրային կարծիքին համար մշտայուշ դարձնելու համար՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եզրերն ու արժեչափերը տեւապէս օգտագործելի պէտք է մնան հայ դատի հետապնդման երկարաշունչ ճանապարհին վրայ։
Միջազգային ներկայ ընտանիքին կողմէ Թուրքիոյ գործադրած Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր արդար պատիժի արժանի դասուիլը, ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան իր պատմական հայրենիքի հողերուն վրայ ինքնորոշման իրաւունքին հաստատումը՝ անպայմանօրէ՛ն ապահովուած շահ մը պիտի ըլլայ, եթէ ոչ յաղթանակ, հայ դատին համար՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան տեսանկիւնէն դիտուած։
Հակառակ հայկ. ցեղասպանութեան ժամանակակից քաղաքական իրքորոշումներու անուրանալի մեղսակցութեան, ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, երբեմն ծածկելու համար իսկ իրենց մեղսակցութիւնը, բարձրացած են արդարութեան ձայներ։
Բայց, առաւելաբար, 1948-էն ետք է, որ Միացեալ Ազգերու
Կազմակերպութեան կողմէ Մարդկային Իրաւանց Օրուան հաստատումով եւ անոր տրուած միջազգային կարեւորութեամբ
Հայկական ցեղասպանութիւնը դիտուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ համաշխարհային վարկ ու հեղինակութիւն՝ վայելող դէմքերու, հիմնարկներու, համաժողովներու, խորհրդարաններու, եկեղեցական խորհուրդներու կողմէ։ Հակառակ առանց սուրի՝ իրաւունքը անզօր հռչակող արդարացի սկզբունքին, հայկ. դատին համար նշանակալից յաջողութիւններ եւ նպաստներ են ապահովուած բարոյական պաշտպանութիւններն ու տրուած միջազգային վկայութիւնները։ Ասոնց կարեւորութիւնը յատկապէս կը շեշտուի երկու տեսանկիւններէ.
Ա. 1915-ին Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան անմարդկային հետեւանքները այսօր եւս կը շարունակուին ի տես աշխարհին եւ անոր մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան պետական, եկեղեցական եւ դիւանագիտական շրջանակներուն, Հայաստանէն դուրս ապրող հայութեան աստիճանաբար մաշումի եւ ձուլումի ենթակայ վտանգին՝ տարիներու ընթացքին մշակութային ինքնութիւնը կորսնցնելու ազգային տխուր ճակատագիրով։ Ինչ որ կը հակասէ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ որդեգրուած ուխտին, որ կը հետապնդէ մարդկային եւ ցեղային արժանապատուութեան ամրապնդումը. ցեղային խտրականութեան ջնջումը, մարդոց մէջ հաւասար իրաւունքներու հաստատումը։ Իսկ միւս կողմէ այսօրուան թուրքիոյ հայկական բնագաւառներու մէջ վերապրող հայու բեկորներու թրքացումը, քրիստոնէական հաւատքի սրբավայրերու մզկիթներու վերածումը եւ մշակութային կոթողներու բնաջնջումն ու բռնագրաւումը՝ Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան պետական եւ հոգեւոր կառոյցներուն համար յաւելեալ փաստեր են Թուրքիոյ կողմէ բանթուրքիզմի քաղաքականութեան իբր շարունակութիւն Հայկ. ցեղասպանութեան այժմէութիւնն ու անժամանցելիութիւնը։
Բ. Մարդկային Իրաւանց Լոյսին տակ Միացեալ Ազգերու
Կազմակերպութիւնը, որ 1948–ին, ցեղասպանութեան դատապարտումի բանաձեւ որդեգրած է, զայն ստորագրած յանձնառու պետութիւններ պարտաւորութիւնն ու յանձնառութիւնը ունին ո՛չ միայն բարոյապէս տէր կանգնելու իրենց կոչումին ու պարտաւորութեան, այլեւ՝ գործադրել տալու միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւունքները: Եւ ինչու չէ նաեւ ուժի դիրքերէն մեկնելով, որ վերջ տրուի թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ցեղասպանութեան. դարմանուի 1915–ին գործուած ցեղասպանական յանցագործութիւնը. հայերը տիրանան իրենց պատմական հայրենիքին, ազգային այն դարաւոր օճախին, ուր ապրած ու ստեղծագործած են հին Ուրարտուէն մինչեւ Քսաներորդ դարու ըսկիզբը։ Քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ կերտած են. բանաստեղծին բառերով. «Կամուրջ շինած են. կամար կապած են. հողը հերկած բերքեր հասցուցած են. միտք առած, երգեր տուած են. հոգիէն մասունք ու սրտէն նշխար ու խաչքար թողած են. պաշտպանելով մարդն ու շրջապատը հոգեւոր ցուրտերէն»:
Մարդկային Իրաւանց Լոյսին տակ, հո՛ն, այն հողերուն վրայ, ուր ժողովուրդ մը ամբողջ քաղաքակրթութիւն կերտած է, մտքէն, հոգիէն եւ աչքերէն ազնուութեան ցոլանքներ տեղացուցած է չի կրնար հրաժարիլ իր աչքերուն ցոլանքը պահող հողերէն, չի կրնար հանդուրժել մանաւանդ ուրիշ բռնագրաւիչ եւ յափշտակիչ, ատելութիւն եւ անմարդկայնութիւն սրսկող եւ հրահրող աչքերու ներկայութիւնը։ Այս մեկնակէտով է, որ հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն թէ իր հայրենիքին մէջ պիտի պայքարի ի խնդիր մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ պահանջատիրութեան կամքով զրահուած ընդդէմ բանթուրքիզմի եւ անոր եղբայրակից սիոնիզմի նոր արտայայտութիւններուն։
Մեծ եղեռնի օրերուն կամ անոր անմիջական տարիներուն աշխարհի հասարակական կարծիքին կողմէ բարձրացած կարեկից արտայայտութիւններն ու մարդասիրական ճիչերը պէտք չէ շփոթել տուեալ երկրի պետական քաղաքականութեամբ արտայայտուած մեղսակցութեան, դիւանագիտական խաղերուն եւ ծաւալողապաշտական ռազմավարութեան հետ։ Քաղաքական միջազգային կրկէսին մէջ ծանօթ է անգլիական դիւանագիտութեան դիմագիծը, որ ո՛չ միայն իր շահերուն շունն ըլլալու դերակատարութեամբ կը յատկանշուի, այլեւ՝ թուրքերուն որ դարձեալ իր քաղաքական դիտաւորութիւններուն ծառայութենէն կը մեկնի։
Ուրիշ է ժողովուրդին զգացումները, որոնք մարդասիրական վերաբերումի եւ մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան վկայութիւնը կը կազմեն։ Այսպէս է, որ անգլիական մամուլի դեմոկրատական թեւը խտացնելով ժողովուրդին հակազդեցութիւններուն իրաւ պատկերը, կը վկայէր ջարդի տարիներուն. «Կը մնայ այլ բառ մը – Հայաստան – մահատիպ սարսափի բառ մը, որ կը կրէ յիշատակը Քրիստոսի ծնունդէն ասդին աշխարհի մէջ չտեսնուած արարքներու երկիր մը ուր հիմնայատակ սրբուեցաւ իր ժողովուրդին ամբողջական սպանդով։ Երբե՛ք եւ ո՛չ մէկ պարագայի տակ այդ երկիրը պէտք է վերադարձուի թուրքիոյ…» (Մանչեսթըր Կարտիըն):
1918–ին, Ֆրանսան իր վարչապետին՝ Քլեմանսոյի բերնով աշխարհին կը ներկայանար արդարութեան եւ մարդկայնութեան գերագոյն օրէնքներուն պաշտպանութեամբ՝ Հայ ժողովուրդի ճակատագրի տնօրինման մէջ։ Ան այսպէս կը յայտարարէր.
«Ուրախ եմ հաստատելու, որ հանրապետութեան կառավարութիւնը, մեծն բրիտանիոյ կառավարութեան նման չէ դադրած հայ ազգը դասելէ այն ժողովուրդներու շարքին, որոնց ճակատագիրը պիտի վճռուի դաշնակիցներու կողմէ մարդկայնութեան եւ արդարութեան գերագոյն օրէնքներուն հիման վրայ»:
Քաղաքակիրթ աշխարհին թարգմանը հադիսանալ կը յաւակնի ամերիկայի արտաքին պետական քարտուղարութիւնը հայ ժողովուրդի իրաւական պահանջքներուն մասին, երբ 1920-ին կը յայտարարէ ի լուր աշխարհին. «Ո՛չ մէկ հարցականի տակ կարելի է առնել հայաստանի հանդէպ մեր կառավարութեան այնքա՜ն խոր հետաքրքրութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը համոզուած է որ քաղաքակիրթ աշխարհը այդ դժբախտ երկրին գծով կըպահանջէ ու կ՚ակնկալէ ամէնէն ազատական վերաբերումը։ Անոր սահմանները պէտք է գծուին ա՛յնպէս, որ ընթացք տրուած ըլլայ հայ ժողովուրդի իրաւական պահանջքներուն եւ, յատկապէս, ազատ ու անարգել ելք մը ապահովուի հայաստանէն դէպի ծով»:
Հայկական ցեղասպանութեան միջազգային ատեաններու մօտ ճանաչման վաւերական յայտարարութիւն մըն է դաշնակից երեք պետութիւններու կողմէ կատարուած հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ ջարդերու պատասխանատուութեան հեղինակ կը դարձնէ ուղղակիօրէն ո՛չ միայն օսման կառավարութիւնը, այլեւ անոր մեղսակիցներն ու գործակալները։ Վաւերագրական փաստաթուղթ մըն է, որ ջարդերէն անմիջապէս ետքն իսկ, 1915 Մայիս 23–ին կ՚ընդգծէ ու կը հաստատէ ջարդերուն ընթացքին ցոյց տրուած միջազգային մեղսակցութիւնը։ Դաշնակիցներու յայտարարութիւնը այսպէս կը բանաձեւէր. «Թուրքիոյ կողմէ գործուած այս անմիջական՝ ոճիրներու դիմաց՝ դաշնակից կառավարութիւնները հրապարակաւ կը յայտարարեն Բ. դրան, որ օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ անոնց գործակալներն ու մեղսակիցները, անհատապէս պատասխանատու պիտի նկատուին նման ջարդերու համար»:
Հակառակ ցեղասպանութիւնը ընդունող այս բանաձեւերուն վաւերականութեան եւ մարդկային իրաւունքի պաշտպանութիւնը կատարող կոչերու սրտառուչութեան՝ ցեղասպանը մնացած է ու կը մնայ անպատիժ։ Հակառակ միջազգային պատժական օրինագիծին այն տրամադրութեան, որ ցեղասպանութիւնը ամբողջ մարդկութեան դէմ ոճիր կը համարէ եւ այս հանգամանքը կը ստիպեցնէ, որ միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ուխտադիր աշխարհի բոլոր պետութիւնները յանձնառու դառնան թուրքիան իբր ցեղասպան պատժելու վճռակամութեան եւ պատասխանատուութեան, կը շարունակեն իրենց ոճրամէտ անտարբերութիւնը։
Ցեղասպանութեան պատժումի եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գործնական միջոցառումի ո՛չ մէկ արարք եւ նախաձեռնութիւն ցուցաբերուեցաւ միջազգային ընտանիքի կողմէ, որ ըլլար արտայայտիչն ու գործադրիչը վճռակամութեան մը եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը ճակատագրին նկատմամբ հոգատար պատասխանատուութեան մը։ Դաշնակիցները որպէս պատերազմին յաղթականները ունէին ամէն հնարաւորութիւն հաշուեպահանջ դառնալու թուրքիայէն եւ ոճրագործները պատժելու յանուն արդարութեան եւ միջազգային ընտանիքի բարոյականութեան եւ արժանապատուութեան պահպանման։
Աշխարհի քաղաքական թէ մտաւորական շրջանակներէն միշտ ալ բարձրացած են կորովի ձայներ, որոնք ո՛չ միայն ցեղասպանութիւնը մարդկային իրաւանց լոյսին տակ դիտելով անոր անպատիժ մնալու իրողութիւնը աղաղակած են եւ մարդկութեան եւ միջազգային ընտանիքին Խիղճը արթնցնելու եւ զայն զգաստացնելու նպատակասլացութեամբ, այլեւ՝ մշակութասպանութիւնը, որ “վանտալութիւնն է հանդէպ արուեստի գործերու եւ կոթողներու”, համարած են անդարմանելի կորուստ մը բովանդակ մարդկութեան մշակոյթին համար:
Մշակութասպանութիւնը կը շարունակուի այսօրուան Թուրքիոյ հայապատկան կոթողներու դէմ՝ միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մշակութային առաքելութիւնը մարմնացնող հիմնարկին՝ UNESCO-ի անտարբեր ակնարկներուն դիմաց։ Լիբա նանցի իրաւաբան եւ մտաւորական Մուսա Բրենս, իր “Անպատիժ
Ցեղասպանութիւն Մը” հատորին մշակոյթի սպանդին նուիրուած գլուխին մէջ իրաւական հետեւեալ ընդվզումը կ՚արտայայտէ իրաւա՛մբ, ի՛ լուր աշխարհի խղճի տէր գրագէտներուն, մտաւորականներուն եւ արուեստապաշտպան միջազգային հիմնարկնե րուն. «Թրքական ցեղասպանութեան պարագային, ցաւալի է, որ շատ յաճախ մարդիկ չեն արտայայտուիր շատ կարեւոր կէտի մը մասին, որ ինքնին ցեղասպանութիւնն է եւ անիկա վանտալութիւնն է հանդէպ արուեստի գործերու եւ կոթողներու։ Այդ վանտալութիւնը եղաւ թրքական ցեղասպանութեան հետեւանքներէն մէկը հայ ժողովուրդին եւ միաժամանակ մարդկային քաղաքակրթութեան վրայ։ Այս առթիւ յիշենք Հայաստանի պատմական յուշարձաններուն քանդումը, որ տեղի ունեցաւ ջարդերէն ու տեղահանումներէն առաջ, ընթացքին եւ ետք»:
Ջարդերու եւ տեղահանումներու ընթացքին գուցէ ոչի՛նչ կարելի էր ընել արգելակելու մշակոյթի վանտալութիւնը, բայց առաջ եւ ետք մանաւանդ մարդկային իրաւական բարոյական ուժն ու հեղինակութիւնը կրնար եւ կրնայ տակաւին կասեցնել շարունակուող մշակութասպանութիւնը։ Յատկապէ՛ս, երբ
1985-էն ասդին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ճանչցաւ հայկական ցեղասպանութեան իրողութիւնը անգլիացի ցեղասպանութեան հարցերու մասնագէտ Պենճըմին Ուիթէքըրի պատրաստած մէկ տեղեկագրին հիման վրայ, ՄԱԿի մարդկային իրաւանց յանձնախումբի “խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան” ենթայանձնախումբի Ժընեւի իր 38-րդ նստաշրջանին։
Սոյն ճանաչումին կարեւորութեան տարողութիւնը մեծ ու նշանակալից է, յատկապէս մեկնելով այն իրողութենէն, որ առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան շրջագիծէն ներս հայկական ցեղասպանութիւնը իբր մարդկային իրաւանց հարց կ՚արծարծուի եւ անոր պատմական իրողութիւնը կը հաստատուի միջազգային մակարդակի վրայ, տալով հայկ. դատի հետապնդման իրաւացիութեան հիմք։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս հայկ. ցեղասպանութեան ճանաչումը վրդովեցուց եւ անհանգստացուց Թուրքիան, որ ամէնէն աւելի “ցեղասպանութիւն” ակնարկութենէն է որ զայրացած էր։ Զայրագին հակազդեցութիւնը չէր ուշացած երբ ՄԱԿի մօտ Անգարայի դեսպան Ճիւմէնթ Եաւուզալփ յայտարարած էր. «իբրեւ դիւանագէտ, ես կրնամ օր մը ներել ձեր նախաձեռնութիւնը, սակայն թուրք ժողովուրդը երբեք պիտի չներէ ձեզի»։
“Մինչեւ՝ հայկ. ցեղասպանութեան միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ իբր մարդկային իրաւանց հարց ճանաչումը՝ միջազգային տարողութեամբ այլ նախաձեռնութիւններ եւ հեղինակաւոր դէմքերու ցեղասպանութեան նահատակները ոգեկոչող խօսքեր դրականօրէն անդրադարձան եւ հող ու գետին պատրաստեցին ճանաչման։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը, որ կրօնական իր հանգամանքին թե անձնական խառնուածքին բերումով մասնայատուկ կարեկցութիւն եւ խորապէս մարդկայնական վերաբերում ցոյց կու տայ տառապած ժողովուրդներու եւ փոքրամասնութեանց ճակատագրին նկատմամբ,
1985-ին Ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչման 70-ամեակին առիթով, իր հրապարակային աղօթքի ընթացքին, հետեւեալ խօսքերով անդրադարձած է. «Այսօր, սիրեցեալ հայ ազգի եղբայրներն ու քոյրերը, տարածուած ամբողջ աշխարհի վրայ, կը յիշեն 70 տարի առաջ տեղի ունեցած կսկծալի դէպքերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Քրիստոնեայ հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալները միաձայն կ՚աղօթեն ի խաղաղութիւն այն հոգիներուն, որոնք այդ եղերական անցուդարձերու զոհերը եղան։ Կը հրաւիրեմ ձեզ բոլորդ միանալու այն ջերմ աղօթքին՝ հաւատքի, սիրոյ, յոյսի հաղորդութեան մէջ, հին եւ հպարտ այս ժողովուրդի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ: Ցաւալի յուշերը զօրս այսօրուան ոգեկոչումը մեր միտքը կը բերէ, թող արթնցնէ բոլորին խղճին մէջ պարտականութիւն աղօթքի եւ յանձնառութեան՝ խաղաղ համակեցութեան մը համար, զորս կարելի է ձեռք ձգել հրաժարելով ամէն բռնութենէ, եւ մենք մեզ ճանաչելով իբրեւ զաւակները միակ Աստուծոյ եւ մարդկային մէկ ընտանիքի»:
Սրբազան քահանայապետի հեղինակութենէն ետք, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը մնայ միջազգային հանրային կարծիքին վրայ ազդող ամէնէն կարեւոր եկեղեցական մարմիններէն մէկը, որ 1983-ին Վանգուվըրի մէջ 24 Յուլիսէն 10 Օգոստոս գումարած իր ժողովի ընթացքին, հայ եկեղեցւոյ պատուիրակութեան առաջարկին ընդառաջելով, Եկեղեցիներու
Համաշխարհային Խորհուրդի Մարդկային Իրաւունքներու յանձնաժողովը որդեգրած է հետեւեալ բանաձեւը։
«Մարդկային իրաւունքներու խախտումի մասին համագումարի կատարած քննարկութեան ընթացքին, մեր ուշադրութեան յանձնուեցաւ ցեղասպանութեան իրականութիւնը, եւ անոր այժ մէական սպառնալիքը որոշ ժողովուրդներու դէմ։ Շատ յաճախ լուռ կ՚անցնինք նման դէպքերու վրայէն։ Զանազան ընթացիկ առիթներով, լռութիւնը կ՚օգտագործուի որոշ խմբակներու կողմէ, արդարացնելու համար բոլորովին անընդունելի բիրտ արարքներ:
Այս առնչութեամբ անգամ մը եւս յիշեցուցին մեզի թուրքիոյ մէջ կատարուած մէկ ու կէս միլիոն հայերու կոտորածը եւ կէս միլիոն հայերու տարագրութիւնը իրենց հայրենիքէն, մեր դարու սկիզբին։ Աշխարհի մարդկութեան լռութիւնը եւ պատմական իրողութիւնները ժխտելու մտադրեալ ճիգերը նոյնիսկ՝ եղան աղբիւր մնայուն անձկութեան եւ յարաճուն յուսահատութեան հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցիներուն եւ շատերու մօտ:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային հարցերով զբաղող յանձնախումբը յայտնած է սոյն մտահոգութիւնը Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ՝ Մարդկային Իրաւունքներու Յանձնախումբին կցուելու համար վերջինիս նախաձեռնած աշխատանքներուն “ցեղասպանութեան ոճիրը պատժելու եւ կանխարգիլելու մասին”:
Համագումար ժողովը կը խնդրէ ընդհանուր քարտուղարէն, որ տեղեկութիւններ հայթայթէ եկեղեցիներուն այս մասին եւ հետապնդէ այս հարցը, պատշաճ առիթներով։ Պատմական այս իրողութիւններուն հրապարակային ճանաչումը էական է, որպէսզի չշարունակեն առիթ տալ բիրտ եւ վրէժխնդիր արարքներու եւ որպէսզի՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան յիշեցումը խնայէ նման ճակատագիր մը՝ ուրիշ ժողովուրդներու»:
Հայկական ցեղասպանութեան մասին մարդկային իրաւանց անկիւնէն կամ անոր լոյսին տակ կառավարական շրջանակներու կողմէ եւս արտայայտուած են դրական մօտեցումներ եւ ձեւակերպուած են ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւումներ:
Կիպրական խորհրդարանը իր 29 Ապրիլ, 1982-ի նիստին քուէարկած է բանաձեւ մը, որ կ՚արտայայտէ միաժամանակ իր ժողովուրդին, ցեղասպան Թուրքիոյ էութենէն ոչինչ փոխուած ըլլալը բացայայտող այժմու թուրք իշխանաւորներու կողմէ ենթարկուած ազգային ճակատագրին ողբերգութիւնը։ Ողբերգութիւն մը, որ որ պատճառուեցաւ կիպրացի յոյն ժողովուրդին՝ ազատութիւն, մարդկային իրաւունք մագսանենգող դաւանակից ժողովուրդներու մեղսակցութեամբ։ Կիպրական խորհրդարանը յանուն մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ ի խնդիր ազգային իրաւունքի եւ ինքնորոշման անժամանցելիութեան հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը դատապարտելով “զօրավիգ կը կանգնի հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ամբողջական վերահաստատումին”:
Կիպրական ներկայացուցչական տունը (խորհրդարանը).
«Զզուանքով եւ անվերապահօրէն դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը, որ ունէր ցեղասպանութեան տարողութիւնը եւ որ արմատախիլ ըրաւ հայերը իրենց պապենական հողերէն: Զօրավիգ կը կանգնի հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ամբողջական վերահաստատումին:
Կը հաստատէ երկարատեւ եւ ներդաշնակ գոյակցութիւնը եւ եղբայրական գործակցութիւնը Կիպրոսի հայերուն հետ, եւ անոնց
Կիպրոսի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին բերած նպաստը։ Այս գոյակցութիւնը կը նկատէ փաստ մը՝ կիպրոսի բոլոր քաղաքացիներուն ներդաշնակ գոյակցութեան իրական կարելիութեան, անկախաբար անոնց լեզուէն, կրօնքէն կամ ազգային նախնիքէն։
Նաեւ տեղին կը գտնէ դատապարտելու 1974-ի թրքական արշաւանքով կիպրացի ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը»։
Մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն՝ մարդկային իրաւանց լոյսին տակ՝ անպատիժ մնալը, քաջալերած է ու մինչեւ օրս կը քաջալերէ, որ շարունակուին աշխարհի զանազան կողմերուն վրայ գործադրուող ցեղասպանութիւններ, վայրագութիւններ, բռնադատումներ, հալածանքներ, ճնշումներ եւ կեղեքումներ՝ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի նկատմամբ։
Կիպրական ներկայացուցչական տան մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան դիրքերէն հայկ. ցեղասպանութեան դատապարտութիւնը կը նուիրագործէ Միջին Արեւելքի բախտակից ժողովուրդներու համատեղ եւ համակողմանի պայքարին անհրաժեշտութիւնը այժմու ֆաշական թուրքիոյ դէմ մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ հայ ժողովուրդի դատին համար Միջին Արեւելքի երկիրներու նպաստաւոր եւ ձեռնտու անփոխարինելի կռուան ըլլալու հանգամանքը։
Ահա թէ ինչո՛ւ հայութենէ ուծացում է եւ հայկական դատին զօրութենականութիւնը տկարացնել է, Միջին Արեւելքի Հայկ. հայահոծ գաղութներէն հայութեան պարպումը, որուն եթէ մէկ կողմէ նպաստեց լիբանանեան պատերազմին` տեւողութիւնն ու տարողութիւնը, միւս կողմէ կարելի չէ անտեսել թշնամիին եւ անոր դաշնակիցներուն դաւադրութիւնը։ Միջին Արեւելքի հայութիւնը Հայկ. Դատի հետապնդման ճանապարհին վրայ յուսատու յենարան մըն է բախտակից ժողովուրդներու, – կիպրացի յոյն, պաղեստինցի, քիւրտ, սուրիացի, լիբանանցի, զօրակցութեամբ եւ գործակցութեամբ պայմանաւորուած։
Հայկ. ցեղասպանութեան միջազգային արձագանգներուն մէջ նշանակալից է 4 Դեկտեմբեր, 1981-ին, Մոսկուայի “Նոր Ժամանակներ” թերթին մէջ հայ դատի Մարդկային Իրաւունքի պաշտպանութեան նուիրուած յօդուածը, որ մէկ կողմէ դատապարտումն է Հայկ. ցեղասպանութեան, միւս կողմէ դիմակազերծումը թուրք ժամանակակից պատմագրութեան նենգափոխումներուն։ “Նոր Ժամանակներ” շաբաթաթերթին տուեալ արձագանգը Հայկ. ցեղասպանութեան շուրջ կարեւոր ներդրում նկատուեցաւ հայութեան տարբեր շրջանակներուն կողմէ, այն տեսակէտով նախ՝ որ բացի ռուսերէնէ բազմաթիւ լեզուներով լոյս տեսնող շաբաթաթերթ մըն է աշխարհի տարբեր երկրամասերը մուտք գործող, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, իտալերէն, չեխերեն, արաբերէն: “Նոր ժամանակներ”ը կը գրէ. «Այսպիսի նենգ ու կեղծ յայտարարութիւնների հանդիպելը մեզ դրդում մէկ անգամ եւս անդրադառնալու ողբերգական իրադարձութիւններին, որոնց սրտակեղէք արձագանգներն այժմ էլ լսելի են ողջ մոլորակում։ Հարկ չկայ խորամուխ լինելու Մերձաւոր Արեւելքի հինաւուրց պատմութեան դժուարանցելի խաչմերուկների մէջ։ Յիշեցնենք միայն հետեւեալը։ Առաջին Աշխարհամարտին մէկը միւսի ետեւից պարտութիւններ կրելով` թուրք տիրակալները ցանկանում էին ամբողջ մեղքը գցել քրիստոնեայ բնակչութեան եւ առաջին հերթին հայերի վրայ, նրանց ռուսների գործակալներ, կայսրութեան թշնամիներ հռչակելով։ Նրանք մշակեցին հայ բնակչութեան զանգուածային տեղահանումն ու բնաջնջման մանրակրկիտ ծրագիրը»:
Հայ ժողովուրդի դէպի Ռուսաստան արեւելումը հին դարերու պատմութիւն ունի։ Հակառակ նաեւ հայութեան կրած յուսախաբութիւններուն, աշխարհա-քաղաքական գործօններու պարտադրանքով Հայաստանի ճակատագիրը կապուած կը մնայ
Ռուսաստանին։ Պատմութիւնը, ճիշդ է, արձանագրած է ցարական Ռուսաստանի հայահալած քաղաքականութեան տխուր էջերը։ Խ. Ռուսաստանի օրով, Հայաստանը իբր գոյատեւելու աշխարհագրական մաս ո՛չ միայն փրկուեցաւ, այլեւ՝ անցնող 70 տարիներու ընթացքին, հակառակ ներկայի ուրացումներուն, կառուցուեցաւ իբր երկիր, աննախընթացօրէն զարգացաւ մշակութային եւ գիտական մարզերէն ներս, նոր ճարտարարուեստ եւ տնտեսութիւն ստեղծեց, կրթական վերելք արձանագրեց եւ ազգաբնակչութիւնը հասցուց շուրջ 3,5 միլիոնի։ Ազգային պետականութեան կառոյցը ամրապնդեց։ Այս իրողութեան եւ նուաճումներու դիմաց՝ ո՛չ Խ. Միութիւնը իր կեդրոնական կառավարութեամբ եւ ո՛չ ալ Հայաստանի իշխանաւորները Հայկ. Դատի նկատմամբ կրցան նախաձեռնութիւններ վերցնել։ Երկար տարիներ փականքի տակ առնուեցաւ, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, Հայկ. ցեղասպանութեան յիշատակութիւնը։ Խ. Միութիւնը Թուրքիոյ հետ իր դիւանագիտական–քաղաքական մարտավարութեան բերումով ո՛չ միայն յաճախ ուրացաւ Հայկ. Դատն ու հայոց հողային պահանջքները թուրքիայէն, այլեւ՝ ճնշեց Հայաստանէն ներս հակաթուրք պայքարին ազգային արդար պահանջատիրութիւնը։
Այս մէկը եւս կազմեց Խ. Միութեան այժմու ղեկավարին բնորոշումով “զօրանոցային ընկերվարութեան” կամ “դիւանակալական բռնատիրութեան” բացայայտ եւ անարդարանալի մեղանչումը մարդկային իրաւանց նկատմամբ: Աշխարհի մէջ ժողովուրդներու ազատագրութեան համար եւ ցեղային խտրականութեան դէմ պայքար ծաւալած Խ. Միութիւնը, իր դաշնակցային հանրապետութիւններէն ներս ոչ միայն ազգային եւ եւ մարդկային տեսակէտով ճնշուած պայմաններ պարտադրեց, այլեւ` մոլորանքներու առաջնորդուելով մեղանչեց ընկերվարութեան ոգիին դէմ։
Հակառա՛կ, խորհրդային հին շրջանը, անցեալը “զօրանոցային ընկերվարութիւն” եւ “դիւանակալական բռնատիրութիւն” կոչելուն, Խ. Միութեան այժմու իշխանաւորը եւս իր վարած երկդիմի քաղաքականութեամբ եւ երբեմն բացայայտ կողմնակալութեամբ յուսախաբ ըրաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը պատմական Արցախի Հայաստանի կցման արդար պահանջատիրութեան դրսեւորման ընթացքին։ Հայաստան–Ազրպէյճան ազգամիջեան շարունակուող լարուածութեան պայմաններու մէջ ցեղասպանական (փոկրոմ) նոր արարքներու գործադրութիւնը չ՚արդարանար ժողովրդավարական պետական կառոյցի մը սահմաններէն ներս, ուր կեդրոնական իշխանութեան կողմէ դատապարտումի մը բացակայութեան բերումով նաեւ, պատճառ եղաւ, որ Հայաստանի թէ արտասահմանի հայութեան մէջ զարգանան հակառուս եւ հակախորհրդային տրամադրութիւնները։ Մարդկային եւ ազգային իրաւունքի պահանջատիրութիւնը անգամ մը եւս ճզմուեցաւ։ Հակառակ այս իրողութեան սակայն արտաքին եւ ներքին կարգ մը հրահրիչ գործօններու մեղսակցութեամբ հայութեան մէջ հակառուս տրամադրութիւնները չեն արդարանար՝ Հայաստանի եւ հայութեան գերագոյն շահերէն մեկնելով։
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու Խ. Ռուսաստանի վերանորոգուած դաշնակցային ինքնիշխան հանրապետութիւններու միութենէն դուրս բոլորովին անկախանալու ու դէպի Թուրքիա կանխահասօրէն բացուելու քաղաքականութիւնը ազգավնաս արեւելում մըն է, որ կրնայ ծանրակշիռ հետեւանք եւ անդրադարձ ունենալ Հայաստանի ազգային–քաղաքական ճակատագրին վրայ։
Բարեկամէն եւ պաշտպանէն յուսախաբութիւնը, հեռատես եւ սառն տրամաբանութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութեամբ, չ՚արտօներ թշնամիին անստոյգ եւ անապահով գիրկը նետուիլ…։
Հայկ. ցեղասպանութեան նկատմամբ մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն, ինչպիսի՞ մօտեցումներ կան այսօրուան Թուրքիոյ մէջ։ Անոնցմէ մէկ հատին մէջբերումը ցոյց կու տայ թէ թուրք ժողովուրդէն մեր ակնկալութիւնը այնքան ալ յուսահատական չէ։ “Մեր ձայնասփիւռը” ընդհատակեայ ձախակողմեան ռատիօկայանէ մը ձայնասփռուած յայտարարութենէն հատուածներ են հետեւեալները, որոնք անհաւատալիօրէն կը յատկանշուին իրենց ողջմտութեամբ եւ արդարամիտ կեցուածքով.
«Սիրելի ունկնդիրներ, նիւթ մը կայ, որ այլազան պատճառներով, տարիներէ ի վեր թուրքիոյ վրայ աշխարհի զանազան կողմերէ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսէն եւ
Եւրոպական Խորհրդարանէն, ճնշում կը հրաւիրէ։ Դուք գիտէք այդ նիւթը. Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ 1915–ին գործադրուած Հայկ. ցեղասպանութեան հարցն է։
Սիրելի ունկնդիրներ, իրականին մէջ, գերմանացիներու գործակիցներ հանդիսացող միութիւնը եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներու հրահանգով, աւելի քան մէկ միլիոն հայեր, որոնք կը բնակէին Օսմանեան սահմաններէն ներս, բարբարոսաբար սպաննուեցան, իսկ հարիւր հազարաւոր ուրիշներ վտարուեցան իրենց հողերէն։ Այսուհանդերձ, այսօր Թուրքիոյ զինուորական խունթան կը փորձէ հերքել Հայկ. ցեղասպանութեան իրողութիւնը, զոր Աթաթիւրք ինք ճանչցած էր։ Այս կեցուածքը շարունակաբար կը ծառայէ գրգռելու Հայկ. ահաբեկչութիւնը։
Ասոր համար իսկ, այս խնդիրը պիտի դիմագրաւուի պաղարիւնութեամբ եւ փոխանակ ուրանալու մեր պատմութեան այս սեւ արատը, որ դժբախտաբար տեղի ունեցաւ Օսմանեան իշխանութեան օրօք, մենք պէտք է, ընդհակառակը, առաջինը ըլլանք այդ արարքը դատապարտող։ Օսմանեան իշխանութեան օրօք տեղի ունեցած Հայկ. ցեղասպանութիւնը ճանչնալով, մենք ոչ թէ յարգանք կը կորսնցնենք, այլ՝ կը շահինք»:
Հակառակ 76 տարիներ թաւալած ըլլալուն, Հայկական ցեղասպանութիւնը Մարդկային Իրաւանց լոյսին տակ, նոր այժմէութիւն ստացած է իբր անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւն՝ աշխարհի մէջ տարուէ տարի նոր ծաւալումով տարածուող Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան համար մղուած պայքարներու շրջագիծէն ներս։ Շրջագիծին ընդլայնումը աշխարհի մէջ, երկրէ երկիր պետական, եկեղեցական ու ժողովրդական շրջանակներէն եւ կառոյցներէն ներս,– մինչեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ամպիոնը,– ո՛չ միայն Ապրիլ 24 է
24, ոգեկոչումի զգացական հանդիսութիւններով, որ պիտի ծառայէ Հայկ. Դատի լուծման յառաջընթացին, այլեւ յարատեւ, մնայուն եւ հետեւողական ջանքերով եւ ազդու եւ արդի ժամանակներու համապատասխան նախաձեռնութիւններով, Հայկ. ցեղասպանութիւնը ճանչցուի բոլոր ազգերէն, ընդունուի Մարդկային Իրաւանց հարցերու առաջնահերթն ու անժամանցելին։
Բարոյական ուժ մըն է ան, որ այլ գործօններու հետ, պէտք է օգտագործուի մինչեւ մեր ազգային երազին իրականացումը:

1991, Ապրիլ

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՉԱՊՐՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ…

Քերորդիներուս՝ Ովսաննայի եւ Տիգրանիկի յիշատակին

«Որ էլ ոչի՜նչ, ոչինչ չխանգարի՛ կեանքում
Խաղաղ քունը այս ջինջ մանուկների,
Որ միշտ նրանց շուրջը, նրանց շնչած օդում
Միայն ծաղիկների բոյրը փռուի…»:
Սիլվա Կապուտիկեան

Հայ դեմոկրատ մտածող եւ բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեանի բնորոշումով՝ Լիբանանի մանուկներուն «մանկութեան օրերը երազի նման չանցան ու չեն անցնիր», որպէսզի անոնք իրենց հեքիաթային ու ճռուողած մանկութեան վերադարձի, վերյուշի վերապրումը ցանկա՜ն…։
Զրկանքո՛վ կամ յագեցող վայելքով իրենց մանկութիւնը ապրած մարդիկ աշխարհի վրայ, եթէ անբացատրելի կարօտաբաղձութեամբ հետագային կ՚որոնեն իրենց տխուր կամ ուրախ մանկութիւնը, Լիբանանի իրենց մանկութիւնը չապրող մանուկները քնքոյշ երազայնութեամբ կամ «նոսթալժի»ով պիտի չփնտռեն թնդանօթներու ահարկու շաչիւններուն եւ բոցալեզու կրակներուն մէջ խեղդուած ու կորսուած իրենց մանկական ճիչերը…:
Ի՜նչ տխուր ողբերգութիւն է մարդկային կեանքի փորձառութեան համար, մանկութիւնը վերյիշել չուզելու, անկէ հեռանալու, մոռնալու ցաւագին հոգեվիճակը…։
Ամէն նուիրականութիւն, ամէն արժէք ու կեանքին բացուող ամէն ծիլ փճացնող ու խամրեցնող պատերազմն է, որ մանուկներու նորաբաց կեանքէն բռնօրէն կը խլէ իրենց անփոխարինելի մանկութիւնը։ Անարդարօրէն ու անզգամօրէն կը բռնաբարէ եւ կը կապտէ խաղաղ ու զուարթ երկինքի տակ, բաց ու կանաչ դաշտերու ծաղիկներու անոյշ բոյրերով թէ գետերու ու առուակներու ջուրերու խոխոջին հետ իրենց մանկութիւնը ապրելու մանկական իրաւունքը…:
Մանկական իրաւունքին ապաստարանը խաղաղութիւնն է։
Խաղաղութեան օդը շնչող մանուկներն են, որ կը վայելեն մանկութեան բարիքները՝ ընկերային պայմաններու առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ։ Կաթին որակէն եւ եւ խաղալիքներու քանակէն առաջ եւ աւելի խաղաղութեան օդն ու ու շունչն է մանուկին կենսահիւթը: Խաղաղ քունը միա՜յն թռչուններու ճռուողիւնով եւ ծաղիկներու բոյրերուն շշունջներով խանգարուող մթնոլորտով…։
Պատերազմին ամէնէն անպաշտպան քաղաքացիները մանուկներն են, որոնք անպայման կարիքը ունին հոգեկան եւ ֆիզիքական նեցուկի։ Սիրոյ եւ գուրգուրանքի։ Մարդուն մէջ ապահովութեան եւ ինքնապաշտպանութեան բնազդները պատերազմական պայմաններու ապահովութեան մէջ, կը զրկեն մանուկները սնունդի չափ կենսական սէրէ՛ն, գուրգուրանքէ՛ն, հոգեկան հաղորդակցութենէն…: Պատերազմին սփռած մահն ու աւերը չեն միա՛յն վաղուան աշխարհի, կա՛մ իր հայրենիքի ապագայ քաղաքացիին սպառնացող վտանգն ու չարիքը, ա՛յլ՝ հոգեկան եւ բարոյական մահը, որուն հետեւանքները ո՛չ միայն ենթակայական տարողութիւն ունին եւ կ՚ունենան, այլեւ կ՚անդրադառնան ընկերութեան առողջ կշռոյթին վրայ…:
Պատերազմին հրէշային կերպարանքին ի տես, անոր յափշտակող ատամներուն եւ բզկտող մագիլներուն սարսափներուն տակ, իրենց մանկութիւնը չապրող մանուկները՝ վաղուան աշխարհին կամ իրենց հայրենիքներուն խանգարուած հաւասարակշռութեամբ քաղաքացիներն են…:
Մարդկութեան գոյապահպանման հիմք կազմող ուժերէն է հաւասարակշռութիւնը։ Պատերազմներով եւ այլ կարգի պատուհասներով մարդկային եւ տիեզերական հաւասարակշռութեան խախտումները կը սպառնան աշխարհի եւ մարդկութեան բնական եւ օրինաչափ զարգացման հոլովոյթին…:
Լիբանանի ոչի՛նչ խնայող եւ ամէն բարոյական արժէք ոչինչի վերածող ոչնչապաշտ պատերազմը խլեց նաեւ Լիբանանի մանուկներուն՝ իրենց մանկութիւնը ապրելու ամէնանուիրական եւ անկապտելի իրաւունքը: Աւելի քան տասնհինգ տարիներու վրայ տարածուող Լիբանանի պատերազմին անխնայ աւերները եւ անոր սարսափազդու հալածող ուրուականները ո՛չ միայն խանգարեցին Լիբանանի մանուկներուն, բոլորովին անմեղներուն,— խաղաղ երկինքէն շնորհուած երկնային պարգեւ անդորրը, այլեւ՝ կորսնցուցին անվերադարձօրէն եւ անվերականգնելիօրէն իրենց մանկութիւնը ապրեցնող ամէնէն երազային եւ զուարթ օրերուն համն ու բոյրը…:

Ի՛նչ կ՚արժեն ՄԱԿի մանուկներու ապահովութեան եւ պաշտպանութեան համար կնքուած ուխտերն ու ստորագրուած բանաձեւերը, այնքան ատեն որ անոնք անզօր պիտի մնան պատերազմի հրդեհը մարելու, որուն բոցերուն մէջ այրեցան, կ՚այրին ու կ՚անհետանան մանկութեան չապրուած տարիները…:
Որեւէ՛ ուխտէ առաջ եւ աւելի՛ պատերազմի չարիքը խափանող եւ անոր հրահրումը արգելակող ուժական Ուխտերն են կարեւորը վաղուան աշխարհի քաղաքացիներուն՝ մանուկներուն համար։ Որպէսզի իրապէ՛ս կեանքի մէջ շնչաւորուին, կե՛անք դառնան հայ բանաստեղծուհիին սրտին խորերէն պոկուած եւ աշխարհին ու մարդկութեան խղճին ուղղուած մանուկներու պաշտպանութեան՝ սիրոյ այդքան բնական եւ մարդկային ճիչը.
«Որ չիմանայ դեռ շատ փոքրիկ սիրտը քո
Վառօդի հոտ, զէնքի շառաչ, ռումբի ձայն,
Այս ամէնի մասին յետոյ, շատ յետոյ
Քեզ հաղորդեն հեքիաթների մէջ միայն»:
(Մարօ Մարգարեան)
Տասնհինգ տարիներէ ի վեր Լիբանանի մանկութիւն չապրող մանուկներուն՝ «փոքրիկ սրտերը» պայթելու աստիճան ո՛չ միայն վառօդի հոտերով, զէնքի շառաչներով եւ ռումբի ձայնե րով յորդեցան, այլեւ՝ զոհերը դարձան կոյր ռմբակոծումներու… կամ ուղղակի ռմբահարման ենթարկուեցան դպրոցական յարկերու տակ թէ փոխադրակառքերու մէջ հրկիզուելով…։
Լիբանանի՝ տասնհինգ տարիներէ ի վեր մանկութեան համին ու բոյրին վայելքը չառնող մանուկները ո՛չ միայն «այս մէնի մասին» կը լսեն ու կը կարդան ֆանթասթիկ հեքիաթներու մէջ միա՜յն, այլեւ՝ ամէնօրեայ իրենց ապրածն ու տեսածը կը պատմեն ու կը գծեն իրենց հիւսած հեքիաթներուն եւ նկարչական տետրակներուն մէջ, ուր մնայուն ներկայութիւն կը պահեն իբր անջնջելի եւ անվանելի յաճախանք ռումբեր արձակող հրասայլերը, ֆոսֆորէ՝ հրթիռները, քլաշինքով զինուած միլիսները, աւերակուած շէնքերն ու ամայացած ճամբաները…: Այս իսկ կը կազմէ Լիբանանի մանկութիւն չապրող մանուկներուն կենդանի, իրակա՛ն ու անպատմելի հեքիաթը…։
16 Մայիս, 1990

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՔՆԵՐԸ

«Քաղաքական հաւասարութիւնը բաւական չէ։ Ներկայիս պէտք է ընդլայնել ժողովրդավարութեան սահմանները եւ ներս առնել տնտեսական հաւասարութիւնն ալ։
Այս է մեծ յեղափոխութիւնը, որուն մէջէն անցնելու ենք»։
ՃԱՒԱՀԱՐԼԱԼ ՆԵՀՐՈՒ

Ժողովրդավարութիւնը (դեմոկրասի) ընդհանրապէս շփոթւած է ազատական տնտեսութեան հետ, որուն յաճախ կ՚ակնարկուի պետական շրջանակներէ թէ քաղաքագէտներու կողմէ։ ժողովրդավարութեան շնորհած ազատութիւնները, որոնք ժողովուրդին՝ քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները կ՚ապահովեն ու կը պաշտպանեն, չեն բացառեր սակայն, ընկերային
(սոցիալ) դրութիւնը։ Կ՚ընդգրկեն ժողովուրդին ընկերային պայմաններուն բարելաւումն ու ապրելակերպին ընդունելի մակարդակը։
Թիւր եւ եղծուած ըմբռնումներով դեմոկրատական ազատութիւններու շրջագիծէն ներս, “ազատական տնտեսութիւն” անուան տակ, կը քաջալերուին տնտեսական անիշխանականութիւնն ու անհակակշիռ քաղաքականութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ “դրամատիրական դեմոկրասի” ուր քաղաքական անհաւասարութիւններու հետ կը զարգանան նաեւ տնտեսական անհաւասարութիւններն ալ։ Դրութիւն մը, ուր ժողովրդային զանգուածները կ՚ապրին տնտեսա-ընկերային դժուարութիւններ, տագնապ, թշուառութիւնը կ՚ընդհանրանայ եւ դասակարգային տարբերութիւնները (աղքատ եւ հարուստ) աւելի կը խորանան եւ սուր կերպով կը հակադրուին։ Դրամատիրական դեմոկրասիին ընձեռած տնտեսական ազատութիւններու միջոցաւ, ապօրէն հարստացումները “օրինական” կը դառնան. ժողովուրդի աշխատաւոր դասակարգը ընչաքաղցութեամբ կը շահագործուի. ընկերային անարդարութիւնը տիրակալութիւն կը հաստատէ:
Ժողովրդավարութեան ընկերային դրոյթներով առաջնորդուող սկզբունքները չեն ընդունիր եւ կը մերժեն “Տնտեսական ազատութեամբ” ժողովուրդին ընդհանրութեան պատճառուած ընկերային անարդարութեան չարիքները։ Ընկերային չարիքներ, որոնք ժողովուրդը կը զրկեն այն բոլոր մարդկօրէն ապրելու բարիքներէն, որ առաջին հերթին բարօր կեանքի ընկերային պահանջքներուն գոհացումով կը յատկանշուի։ Կը պայմանաւորուի։
Պետութեան մը ընկերային կառոյցին առաջնահերթ սկզբունքը պիտի կազմէ իր քաղաքացիներուն բարօր կեանքի ապահովութիւնը, ինչպէս Արիստոտել իր “Քաղաքականութիւն” հատորին մէջ կը շեշտէ. «Բայց պետութիւնը գոյութիւն ունի լաւ կեանք մը եւ ոչ թէ միայն կեանք ապահովելու համար»: Կրօնքներն ալ, իրենց հոգեւոր մատեաններուն ժողովրդավարական սկզբունքներով, պաշտպանած են ժողովուրդին ընկերային պահանջքներուն արդարացիութիւնը՝ դէմ կենալով ժողովուրդը տեւապէս անիրաւօրէն տնտեսական ճնշումի եւ շահագործումի առարկայ դարձնող պետական դրոյթներուն եւ դասակարգերու
Գրիգոր Զօհրապն է, որ ըսած է. «Քրիստոնէութիւնը ընկերվարութիւն է. ընկերվարութիւն է նաեւ իսլամ կրօնքը։ Ընկերվարութեան անունով մեր պահանջածները աշխատաւոր դասակարգին համար բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, նոյնիսկ
Ռուսիոյ մէջ, օրէնքներով հաստատուած, տարիներէ ի վեր ի գործ դրուած կանոներ են, եւ ոչ ուրիշ բան»:
Ժողովուրդին եւ աշխատաւոր դասակարգին համար պետական մակարդակի վրայ սահմանադրական օրէնքներով՝ հաստատուած ընկերային կանոնները իրագործած են այն քաղաքակիրթ երկիրները, ուր քաղաքակրթութիւնը նաեւ յառաջդիմութիւն արձանագրած է՝ երբ իշխանութեան գլուխ գտնուած են սոցիալ դեմոկրատիայի (ժողովրդավար ընկերութեան) ուժերը, կամ կազմակերպական կարեւոր ուժ որպէս հակակշռած են անոնք կառավարութեան տնտեսա-ընկերային քաղաքականութիւնը։
Լիբանան դեմոկրատական երկիր ճանչցուած է։ Դեմոկրասին պայմանաւորող որոշ դրոյթներ, ազատութիւն, ընտրելու եւ ընտրուելու քաղաքացիական իրաւունք, եւն, գոյութիւն ունեցած են, որոնք ժողովրդավարութեան խաբուսիկ մակերեսը կազմած են։ Ժողովուրդին համար քաղաքա-տնտեսա-ընկերային հաւասարութիւնները չեն ապահովուած։ Չե՛ն պաշտպանուած…: Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, լիբանանեան խորհրդարանը իր ընդհանրութեան մէջ միշտ ալ բաղկացած է ժողովուրդը ճնշող դասակարգի ներկայացուցիչներէն, իսկ կառավարութիւններն ալ նշանակուած են բանանի “ազատ տնտեսութիւնը” պաշտպանող եւ քաջալերող այնպիսի նախարարներէ, որոնք որպէս կալուածատէրեր կամ սեփականատերեր չեն հետաքրքրուած ժողովուրդին ընկերային պահանջքներուն գոհացում տուող բարեկարգութիւններով…: Պաշտպանած են աւելի իրենց դասակարգին շահերը…:
Իր ընդհանրութեան մէջ Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային պահանջքները անտեսուած են։ Ընկերային գետնի վրայ այն ինչ որ իրագործուած է, ժողովուրդի աշխատաւոր զանգուածներու պահանջատիրական պայքարներով ապահովուած է։ Ընկերային պայքարի ճամբով՝ զոհերու եւ նահատակներու արեան գնով…:
Եկեղեցին եւս, հակառակ իր ընկերային կոչումին, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, տիրո՛ղ եւ ճնշո՛ղ դասակարգին շահերը պաշտպանած է ուղղակի… կամ անուղղակի կերպով…:
Գրող եւ փիլիսոփա Կէօթէ՝ ճիշդ կերպով գնահատած ու վերլուծած է ժողովուրդի պահանջքներուն գոհացում տուող պետական մակարդակի վրայ բարեկարգութիւններու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը. «Նմանապէս լիովին համոզուած եմ եղել, որ իւրաքանչիւր մեծ յեղափոխութիւն կատարւում է ոչ թէ ժողովուրդի, այլ պետութեան մեղքով։ Բոլորովին յեղափոութիւններ չեն լինի, եթէ պետութիւններ արդարացի եւ զգօն լինեն, ժամանակին կատարուող րէֆորմներով ընդառաջ գնան ժողովուրդին եւ չյամառին, որ բարելաւման պահանջը ներքեւից սկսուի»:
Լիբանանի պետական իշխանութիւններու ժամանակի ընթացքին եւ ըստ ժամանակի պահանջքներուն բարեկարգչական ծրագիրներով ժողովուրդին չընդառաջելը պատճառ ըլլալով առիթ ստեղծեց, որ բարելաւման պահանջը ներքեւէն սկսի…: Լիբանանի տասնվեցամեայ պատերազմը, ուրիշ շատ մը պատճառներու շարքին, ժողովրդային ընկերային պահանջքներու գոհացման բարեկարգութիւններու հրամայականը ունէր…։
Պատերազմէն դուրս ելած Լիբանանը իր ետին ձգած է հարիւր յիսուն հազար մեռեալներ. Երկու հարիւր հազար վիրաւորեալներ. քսան հազար հաշմանդամներ. տասնութ հազար անհետացածներ. ութ հարիւր եօթանասուն հինգ հազար տեղափոխուածներ. ինն հարիւր հազար երկրէն դուրս ելած գաղթականներ: Սոյն վիճակագրական տուեալներէն դուրս կը մնայ տակաւին նիւթեղէն աւերածութիւններու հետ տնտեսական քանդումի պատկերը, որ մեծապէս անդրադարձած է ժողովուրդի ընկերային պայմաններու վատթարացման, առանց անգիտանալու նաեւ պատերազմի առիթին շահագործումներէն ապօրէն կերպով հարստացածներու նոր դասակարգերը:
Լիբանան յետ-պատերազմեան ներկայ հանգրուանին՝ պատերազմին աւերները վերակառուցելու, պետական տնտեսութիւնը զօրացնելու, ժողովուրդին միասնութիւնն ու երկրին միութիւնը ամրապնդելու, հողային տարածութեան վրայ իր ամբողջական գերիշխանութիւնը տարածելու առաջնահերթութիւններուն հետ կը գտնուի ժողովուրդին` ընկերային պահանջքներուն գոհացում տալու պարտաւորութիւններու դէմ` յանդիման։
Պահանջքներ, որոնք կը բխին ժողովուրդին առօրեայէն։ Ապրուստի կենսական եւ տարրական պէտքերու ապահովումէն։
Չդատապարտուելու համար անօթութեան, որ կրնայ աւելի ծայրայեղ տարողութամբ սանձազերծուիլ եւ նոր Մայիս վեցերու կրկնութեան առիթ տալ։ Որքան ճիշդ դիտել կու տար “Արարատ” օրաթերթի օրուան հարցերու մեկնաբան Ժիրայր Նայիրի “Պետութեան Եւ Ժողովուրդին Իրաւունքը Նա’խ” քրոնիկին մէջ.
«Պետութեան գլխաւոր մէկ ուրիշ ցաւն ալ՝ Ազատ տնտեսութիւն կոչուած եւ ապօրինութիւնը, կողոպուտը արդարացնող, ժողովուրդին զայրոյթին դէմ մեղաւորը պաշտպանող, անոր վրայ տիրութիւն ընել տուող իր օրէնսդրութիւնն է։ Ծանօթ են հրապարակի վրայ եղող ու ֆինանսը քաղաքական ճնշումի ու շանթաժի միջոց ծառայեցնողները։ Եւ սակայն, կառավարութիւնը չունի կամ չ՚ուզեր, չի կրնար հարկ եղած զսպիչ միջոցներն առնելու անոնց դէմ, որ ասոնք տոլարը չբարձրացնեն։ Ինք կը մնայ անզօր հանդիսատես այդ աղտոտ խաղերուն դէմ։ Կամ յանձնախումբեր կազմելով ինքզինք կը մխիթարէ։ Ժողովուրդը կը ջանայ քնացնել օրօրներով»:
Մինչեւ ե՞րբ, սակայն…։ Կարելի չէ Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային պահանջքներուն գոհացում տուող իրագործումներուն հասնիլ, առա՛նց արմատական բարեկարգութիւններու։
Առաջին հերթին բարեշրջումովը “ազատ տնտեսութեան” քաղաքականութեան, որ ժողովուրդը կ՚աղքատացնէ, պետութիւնը կը սնանկացնէ, առանձին դասակարգերը կը հարստացնէ։ Ժողովրդավարութեան ընկերային դրոյթն է, որ ժողովուրդին եկամուտին համաձայն կը հակակշռէ սննդեղէններու եւ այլ առաջնահերթ կարիքներու սակագիները: (Այսօրուան Լիբանանի մէջ որքա՜ն մարդիկ կը տառապին ապրուստի ապահովման ճնշիչ պայմաններէն)։ Պետութեան եկամուտի աղբիւրներու զարգացման հետ, պետութեան տնտեսական ընկերային քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն կը հակակշռէ ապօրէն կամ սանձարձակ հարստացումները, այլեւ՝ համեմատակ տուրքի դրութեամբ եւ օրինական գանձումներով կը կը հարստացնէ պետութեան գանձը։ (Այսօրուան Լիբանանի մէջ պետութենէ աւելի հարուստ դրամատէրեր կան. Պաշտօնեան ու աշխատաւորը աւելի շահատուրք կը վճարեն քան ժողովուրդին հաշւոյն մեծ շահոյթներ ապահովողները)։
Քաղաքակիրթ երկիրներու կողմէ որդեգրուած ընկերային կանոններու որդեգրումով, պետութիւնը իր զօրացած տնտեսութիւնը ժողովուրդի ընկերային պահանջքներուն գոհացումին կը ծառայեցնէ առողջապահական, ուսումնական եւ ծերութեան թոշակներու մարզերէն ներս։ Լիբանան ինչպէ՞ս կրնայ հպարտանալ իր դեմոկրատական ազատութիւններով, երբ անոր չեն միացած ժողովրդավարութեան ընկերային սկզբունքները, որոնք կ՚ապահովեն՝ ժողովուրդին առողջապահական ապահովագրութիւնը (այսօրուան Լիբանանի մէջ հիւանդանոցի կարօտ հիւանդը կը մահանայ, եթէ դրամ չունի…) ձրի ուսման դրութիւնը (ընդունակ, բայց նիւթապէս կարիքաւոր ուսանողը կրնայ զրկուիլ համալսարանական ուսման բարիքէն). Ծերութեան կամ հանգստեան թոշակը, որպէսզի լքեալ գոյքի չվերածուի մարդ էակը հանգստեան տարիքէն ետք…։
Պետութեան գանձը իր բարեկարգուած տնտեսական քաղաքականութեամբ՝ ի խնդիր Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային պահանջքներու կենսագործման…:

12/8/1992

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ

«Ի՞նչ ձեւեր կան արդեօք դիմագրաւելու համընդհանուր աղէտին, որ սպառնում է մարդկութեանը ամենակատարեալ սարսափներով։
Ինչպէ՞ս պիտի աւելնան երկրի վրայ մարդասիրութիւնը, բարութիւնը, փոխըմռնողութիւնը, զիջողութիւնը, չարի բազուկը բռնելը, որ բարութեան ծիլերը շնչաւորուին գթառատութեան անձրեւների տակ եւ օրօրուեն մխիթարանքի հովով, մինչեւ որ կատարեալ հասակ նետեն եւ մարդիկ շարունակեն ստեղծել, ապրել՝ սիրելով եւ պաշտպանելով իրար։
Մարդիկ շարունակեն ապրել՝ սիրելով ու պաշտպանելով իրար»։
ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ

Մարդը՝ իր ծնունդէն մինչեւ մահ, կը զգացնէ պահանջքն ու կարօտը, իր անձին հանդէպ ցուցաբերուելիք պատասխանատուութեան։
Պատասխանատուութեան վերաբերումը կը սկսի ընտանեկան յարկէն, հօրմէն եւ մօրմէն՝ տարածուելու համար ընկերային կառոյցներուն վրայ,– պետական վարչամեքենան եւ կառավարութիւնները, մինչեւ համաշխարհային հիմնարկները, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային Իրաւանց զանազան յանձնախումբերը։
Մարդկային Իրաւանց Օրը, 10 Դեկտեմբեր, իրեն համար սկզբունքային մեկնակէտ ունի, շեշտելու ընկերութեան պատասխանատուութիւնը, համաշխարհային մակարդակի վրայ, մարդուն բնական եւ առողջ աճումէն, մինչեւ ընկերային եւ մշակութային պահանջքներուն բաւարարութիւնը։ Մինչեւ մարդուն ֆիզիքական ապահովութիւնը։ Նպատակ ունենալով մարդուն արժեւորումը մարդուն կողմէ…։
Այն ընկերութեան մէջ, ուր մարդուն հանդէպ պատասխանատուութիւնը նուազ է եւ անպատասխանատու վերաբերումը շեշտուած՝ հոն մարդը արժեզրկուած է…։ Անպաշտպան խլեակի վերածուած…:
Մարդուն հանդէպ պատասխանատուութեան վերաբերումը չի կրնար աննկատ անցնիլ ծնող երեխային սննդառութեան տարրական պահանջքին առջեւէն։ Մարդկային իրաւանց օրուան ռիթով, չ՚արժե՞ր մտածել արդեօք, որ որքա՜ն թերաճ երկիրներու մէջ, նախնական խնամքէ զուրկ, անօթութենէ երեխաներ կը մեռնին…: Վիճակագրական տուեալները խօսուն են եւ՝ ողբերգական…:
Մարդուն հանդէպ պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ եւ կը պարտադրէ, որ մարդկութեան արատն ու ամօթը հանդիսացող անօթութեան Չարիքը վերանայ ու չքանայ աշխարհի վրայէն…։
Աշխարհ մը, ուրկէ տիեզերանաւեր եւ տիեզերագնացներ թռիչք կ՚առնեն դէպի նոր աշխարհներու, մոլորակներու յայտնաբերման ու նուաճման՝ ինչքա՜ն խորթ կը թուի ու կը հնչէ անօթութեան գաղափարը եւ անօթութենէ եւ նախնական սննդառութեան պակասէն տառապողներու տխուր իրականութիւնը…: Քրիստոսէն առաջ… Եւ վերջ… Քրիստոսին աղօթքով բանաձեւուած “Զհաց մեր հանապազորդ տո՛ւր մեզ այսօր” խնդրանքը կը շարունակէ մնալ մարդուն առաջնահերթ պահանջքը։ Մարդուն հանդէպ պատասխանատուութիւնը կը ստիպէ, որ հացակարօտ մարդ չմնայ աշխարհի վրայ եւ ամէն երկնքի տակ եւ ամէն սեղանի վրայ հացը դառնայ աննուազ բարիք…: Մարդուն ոչնչացման ծառայող, մեծ տէրութիւններու զինական պատրաստութեան տրամադրած պիւտճէն, նուազագոյն մէկ տարուանը, որքա՜ն մարդ պիտի փրկէր անօթութեան ճիրաններէն…։ Հեռու պահէր մարդը մահուան սպառնական ստուերներէն…։ … Եթէ՛ խորանար եւ լրջանար մարդուն հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն ու վերաբերումը աշխարհի վրայ, մարդուն եւ մարդկութեան հանդէպ պատասխանատուութեան դեր ճշդած կամ ճշդուած երկիրներու կողմէ…:
Մարդկային իրաւանց օրը առաւել կը շեշտէ պատասխանատուութիւնը մարդուն հանդէպ…: Առաւել պատասխանատուութիւնը կ՚ենթադրէ, որ որեւէ երկնքի տակ, եւ աշխարհի որեւէ անկեան մէջ, մարդ արարածը զրկուած չմնայ մտաւոր սնունդէն, ուսման “հաց”էն, կրթութենէն։ Անգրագիտութիւնը՝ մարդկութեան յետամնացութիւնը ցուցանշող եւ երկարաձգող ու ուրիշ չարիք մըն է, որ վերանալու է…: Անգրագէտներ, գոյութեան իրաւունքէն զուրկ ըլլալու են, ըստ մարդկային իրաւանց նախատեսութիւններուն…: Մարդը իրաւունք ունի ուսման բարիքներէն հաւասարապէս օգտուելու։ Գրաճանաչութիւնը մարդուն հիմնական պահանջքը կը կազմէ, որ պահանջելու իրաւունք կու տայ զինք որպէս քաղաքացի պաշտպանելու եւ ապահովելու պատասխանատուութիւն ունեցող իշխանութիւններէն, հեղինակութիւններէն…։ Ուսման, գրաճանաչութեան տարրական բարիքը չարաշահութեան առարկայ դառնալու չէ։ Մտաւոր լոյսը, հոգեղէն բարիքի հասարակաց աղբիւր դառնալու է, որպէսզի հոնկէ գան խմելու բոլոր մտքի եւ գիրի ծարաւ ունեցող մարդիկը՝ ըստ կարելիութեան եւ կարողութեան…:
Մարդկային իրաւանց օրուան գերագոյն նպատակը դառնալու է անգրագիտութեան վերացումը աշխարհի վրայէն, մարդկային տարրական իրաւունքներու շրջագիծէն ներս…։
Մարդկային տարրական իր իրաւունքներու շրջագիծէն ներս կը մտնէ գործի ապահովութիւնը։ Աշխատանքի հայթայթումը։ Գործազրկութիւնը կը բացայայտէ կառավարող շրջանակներու անպատասխանատուութիւնը քաղաքացիին հանդէպ։ Մարդկային իրաւունքին հանդէպ։ Գործազրկութենէն յառաջացող չարիքները՝ գողութիւն, ոճրագործութիւն, դատարկապորտութիւն կ՚այլանդակեն մարդկային ընկերութեան մարդկային դիմագիծը։ Կը խաթարեն անոր բարոյական չափանիշերը։ Կը թունաւորեն մարդկօրէն ապրելու եւ արժանապատուութեամբ շնչելու օդը։
Հոն՝ ուր գողութիւնները շատցած են. ոճրագործութիւնները յաճախադէպ երեւոյթներ են. դատարկապորտներու թիւը բազմացեր է, կը նշանակէ թէ վախն ու սարսափը, անձկութիւնն ու անդոհանքը պատեր են քաղաքացիին միտքն ու հոգին։ Նման միջավայրի մէջ ապրիլը ոչ միայն հաճելի չէ, այլ՝ անտանելի։ Մարդուն հանդէպ պատասխանատուութեան մարդկայնասէր զգացումը պէտք է մղէ ընկերութիւնը վարող վարչամեքենաները, որ իրենց քաղաքացիներուն սրտէն ու մտքէն հեռու պահեն վախի եւ անձկութեան անդոհանքները: Անհետացնեն անոնց տուն տուող արմատական պատճառները։ Ընկերաբանները, բժշկութեան ախտաճանաչումին հետ համաձայն են, ըստ որուն արդի մարդկութիւնը տառապեցնող երկու սարսափելի եւ անբուժելի հիւանդութիւնները՝ սրտի տագնապն ու քաղցկեղը՝ հետեւանքն են ընկերութեան ստեղծած հոգեկան անառողջ պայմաններէն յառաջացող անձկութիւններուն, բանաստեղծին բառերով “ամենակատարեալ սարսափներուն”:
Ըստ վիճակագրական տուեալներու աշխարհի մէջ ներկայիս 500 միլիոն անգործներ կան։ Աշխարհի գործազուրկները, կ՚ըսէ Աշխատանքի Միջազգային Հիմնարկի տնօրէնը, ողբերգական հիւանդութիւն մըն է, քաղցկեղ մը։
Որեւէ երկնքի տակ եւ աշխարհի որեւէ անկեան մէջ, մարդկայնութեան տարրական սկզբունքներուն դէմ աններելի մեղանչում է եւ մարդուն եւ մարդկութեան հանդէպ անպատասխանատու կեցուածքի ցուցանիշ՝ պատերազմի ընթացքին անմեղօրէն զոհուող մարդիկը։ Սպաննութիւնները։ Պատերազմները, մեծ ու փոքր, ազգերու եւ մարդկութեան պատուհասներն են։ Ամէնէն աւելի պատերազմներու ընթացքին կը շեշտուի՝ պատասխանատուութեան վերաբերումին չքացումը՝ մարդուն հանդէպ…: Կը մոլեգնին մարդկային ոճրային բնազդները եւ այն աստիճան ատելութիւնները կը բորբոքին, որ նոյնիսկ չեն խնայեր երեխաներուն կեանքերը։ Ապագայ մարդկութեան գունավառ յոյսերը…։
Ծառերէն թափող տերեւներու նման՝ մարդիկ կ՚իյնան զինահար…: Կը մորթուին սուինահար…: Պատերազմներու անմարդկայնութիւնը միայն չի կայանար մարդը եւ մարդկային կեանքերը ֆիզիքապէս ոչնչացնելուն մէջ, այլ` մարդուն բարոյական եւ հոգեկան անկումին մէջ…: Մարդը ոչնչութեան կը վերածուի, առանց ֆիզիքապէս ոչնչանալու։ Մարդուն բարոյական մահ կը բերեն պատերազմներն ու պատերազմներուն ստեղծած ընկերային չարիքները…:
Ցեղասպանութիւնները եւս կը մտնեն մարդկութեան հանդէպ ցուցաբերուած անպատասխանատու արարքներու շրջագիծէն ներս։ Մարդկային անարդարութեան զոհերն են այն ազգերը, որոնք օր ցերեկով եւ աշխարհի անտարբեր ակնարկներուն դիմաց՝ յօշոտուած, մորթուած եւ ոչխարներու հօտերու նման սպանդանոց ճամբուած են։ Մարդկային այսպիսի անարդարութեան ճակատին է, որ թքած է հայ նահատակ բանաստեղծը. « Ո՛վ մարդկային արդարութիւն թող ես թքնե՛մ քո ճակատին»: (Սիամանթօ)։ Հայ բանաստեղծին արձակած թուքը դեռ չչորցած՝ ինչքա՜ն նոր ձեւի անարդարութիւններ եւ ցեղասպանութիւններ, սպիտակ, սեւ կամ կարմիր, կը շարունակուին հոս ու հոն: Կ՚աղաղակեն սուր ճիչով, պահանջելով պատասխանատուութեան վերականգնումը՝ մարդուն եւ մարդկութեան հանդէպ…։
Իրաւազրկուած ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեամբ՝ հայ ժողովուրդը տակաւին արդարութիւն կը պահանջէ մարդկային իրաւանց միջազգային ատեաններէն, դարուս սկիզբը իր դէմ գործուած եւ վրիպած ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան ցուցաբերած եւ տակաւին ցուցաբերուող անպատասխանատութեան համար…:
Ամէն տարի, 9 Օգոստոսին, Նակազաքիի եկեղեցւոյ եւ տաճարներուն զանգերը եղերականօրէն կը ղօղանջեն։ Բովանդակ քաղաքը մէկ ծայրէն միւս ծայրը, մէկ վայրկեան բացարձակ եւ քար լռութիւն կը պահէ՝ ի նշան 9 Օգոստոս 1945ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին, Նակազաքի եւ Հիրոշիմա քաղաքներուն վրայ նետուած աթոմական ռումբերուն պատճառած աւերներուն եւ զոհերուն։ Մարդուն եւ մարդկութեան հանդէպ ցուցաբերուած այնպիսի անպատասխանատուութեան արարք մըն է, որուն բարոյական, ընկերային եւ մարդկային զոհերը մինչեւ օրս կը շարունակուին։ Արդարեւ, յաջորդաբար, իրարմէ երեք օրերու տարբերութեամբ, Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ նետուած աթոմական ռումբերը, բացի երկու քաղաքներու նիւթական աւերումէն, խլած են, Նակազաքիէն 70 հազար մարդկային զոհեր
Հիրոշիմայէն՝ 200 հազար։ Նակազաքիի քաղաքապետը, Հիթօշի
Մօթիշիմա, ոգեկոչման մը առիթով, հետեւեալ յատկանշական մտածումները բանաձեւած է իր՝ համաշխարհային խաղաղութեան համար կատարած յայտարարութեան մէջ. «Մնայուն խաղաղութեան ստեղծման համար, անհրաժեշտ է ամբողջական զինաթափումը եւ աթոմական ռումբերու չէզոքացումը։ Աթոմական ուժերու արտադրիչ գերհզօր պետութիւնները պարտին կրճատել իրենց արտադրութիւնները եւ անկէ խնայուած գումարները ծառայեցնել անօթութենէ մեռնող միլիոնաւոր մարդոց կեանքի փրկութեան, թերաճ երկիրները դուրս` բերելով թշուառութենէ եւ խեղճութենէ »:
Մարդկային իրաւանց համաշխարհային մարմիններու գերագոյն նպատակը ուրիշ սկզբունք չի կրնար ունենալ մարդկութեան սպառնացող համաշխարհային աղէտի մը վտանգին առջեւ, եթէ ոչ խաղաղութեան ամրապնդումը աշխարհի վրայ եւ գերհզօր պետութիւններէ ակնկալուած պատասխանատուութեան վերահաստատումը՝ մարդկութեան նկատմամբ։
Որովհետեւ, մարդկութիւնը վտանգուած է։ Այդ վտանգին ահաւորութիւնը կը զգացնէ դարուս մեծ զինուորականներէն, Ժէնէրալ Օմար Պրէտլի, իր հետեւեալ ահազանգող յայտարարութեան մէջ. «Կեդրոնական հարցը մեր ժամանակին, ինչպէս ես կը տեսնեմ զայն է՛ մարդկային իմացականութեան գործածութիւնը մարդկութեան փրկութեան համար։ Քանի որ, մենք փճացուցած ենք մեր իմացականութիւնը ստեղծումովը գիտական այնպիսի աւերիչ գործիքներու, որ այժմ կը գտնուինք յուսահատ վտանգին առջեւ ինքնաոչնչացման։ Մեր կացութիւնը քրիտիքական է։ Եւ որքան ջանք կը թափենք թեթեւցնելու զայն գիտական նոր յառաջդիմութիւններով, կը յաջողինք աւելի խորացնել վտանգը։ Արդիւնքը այն է, որ, մենք կը շտապենք դէպի այն օրը, երբ մեր գիտնականներուն խելացութիւնը անկարող պիտի ըլլայ փրկել մեզ, անխոհեմ արարքի մը հետեւանքներէն եւ անվախ ձեռքի մը հպումէն, կորիզային ռումբերու»:
Կորիզային ռումբերու սպառնալիքը դամոկլեան սուրի պէս կախուած է մարդկութեան գլխուն վերեւ։ Որովհետեւ, հիւլէական պատերազմ մը, հիմնայատակ կրնայ կործանել ամբողջ երկրագունտը, փոշիացնել մարդկութիւնը, անէացնել մարդկային քաղաքակրթութիւնը, ինչ որ ստեղծուած է դարերու ընթացքին եւ մարդկութիւնը վերադարձնել նախապատմական դարերուն։
Ամէն ինչ սկսիլ զերոյէն…։ Գիտնականներու վախը այն է նաեւ, որ հիւլէական զինամթերքը այնքան շատ է որպէս քանակ, որ կրնայ երկրագունդի կեանքը քանի մը անգամ բնաջնջել։
Ասոր դիմաց, սրտի եւ խղճմտանքի տէր արուեստագէտներ, գիտնականներ, գրագէտներ եւ բանաստեղծներ` մարդասիրական պայքար բացած են, քիչ մը ամէն երկրի մէջ, ի խնդիր զինաթափութեան, միջազգային անվտանգութեան, ապահովութեան եւ ամբողջական խաղաղութեան։ Որովհետեւ, որեւէ ժամանակէ աւելի այսօր է, որ մարդկութիւնը կը զգացնէ սիրով, փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ զիրար պաշտպանելով ապրելու անհրաժեշտութիւնը…: Հետեւանքներու տարողութիւնը կը թելադրէ որ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ վերաբերին պատասխանատու ուժերը՝ մարդուն եւ մարդկութեան ապագային նկատմամբ։

5 Դեկտեմբեր, 1982

ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԵԱՄԲ

«Ազատն Աստուած այն օրից,
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել,
Ես անբարբառ մի մանուկ՝
Երկու ձեռքս պարզեցի
Եւ իմ անզօր թեւերով
Ազատութիւն գրկեցի»։
Միքայէլ Նալբանդեան

Կրօնա-փիլիսոփայական հայեցողութեամբ թէ մարդու բնական պահանջքներու տեսանկիւնով ազատութիւնը մարդուն անբռնաբարելի իրաւունքը կը համարուի։
Ազատութեան ջատագով եւ մարդու դեմոկրատական իրաւունքներու ապահովման համար պայքարած հայ բանաստեղծ
Միքայէլ Նալբանդեանին պատկերացումով՝ մարդը մանկութենէն իր խանձարուրին մէջ, անգիտակ եւ անբարբառ տակաւին, կը նկրտի իր անզօր թեւերով ձերբազատուիլ խանձարուրին կաշկանդումներէն եւ գրկել ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ։ Մարդուն դէպի ազատութիւն բնական տենչին արտայայտիչ պատկերն է բանաստեղծութեան ոգին, որ ազատատենչ, ազատութեան գաղափարախօս
Եւ զինուորագրեալ բանաստեղծին եւ մտածողին բնութագրումով` Մարդն ու Ազատութիւնը անանջատելի խորհուրդով պարուրուած են:
Այս սկզբնապատճառին մեկնակէտով մարդկային իրաւունքի առաջին եւ հիմնական սկզբունքը կազմած է մարդուն ազատութիւնը. «Մարդիկ կը ծնին եւ կ՚ապրին ազատ»: Իսկ փիլիսոփա Հեկելի սահմանումով. «Մարդկութեան պատմութիւնը ազատութեան գիտակցութեան զարգացման պատմութիւնն է»:
Ամէն երկնակամարի տակ մարդը իր ծագումէն ասդին երազած ու պայքարած է իր ազատութեան իրաւունքին համար՝ զինք կաշկանդող, բռնաբարող, տառապեցնող ամէն կարգի ճնշիչ կապանքներէն,– ընկերային, տնտեսական, քաղաքական,– ազատագրումով։ Մարդկային կոչումին արժանաւորութեամբ եւ մարդու համար սահմանուած կեանքին ազատութեամբ եւ անբռնաբարելիութեամբ ապրելու իրաւունքո՛վ։
Ահա թէ ինչո՛ւ մարդուն պատմութիւնը իր ազատութեան ձեռք բերումով արժանապատուութեամբ ապրելու պատմութիւնն է։ Ոգորո՛ւմն է։
Հո՛ն ուր, կամ այն բոլոր կառոյցներէն ներս, որ մարդը ընկերային, կրօնական, քաղաքական եւ մշակութային պարունակի մը մէջ սեղմել փորձուած է, կասեցնելով իր ազատ թռիչքը՝ պոռթկացած է ան իբր անհատական կամ հաւաքական ձգտում՝ եւ իր պարունակին սահմանափակ եւ կաշկանդիչ պատերը ճեղքելով արձակած է Ազատութեան Ճիչը եւ որոնած՝ անկապանք ապրելու եւ ստեղծագործելու պայմանները ապահովող աստուածը…:
Աստուծոյ պէս եւ աստուծոյ տեղ Մարդը պաշտած է իր Ազատութիւնը…:
Մարդկայնապաշտ փիլիսոփայութեան բարոյականութիւնը կը կազմէ ազատութիւնը։ Այն ազատութիւնը, որ մարդուն համար կը սահմանէ մարդկային իրաւունքներու յարգումի պարտաւորութեամբ եւ անձնական պատասխանատուութեան հակակշռումով ապրելակերպի դրութիւն մը, ուր մարդը իբր ազատ էակ ապրի իր նախասիրութեամբ, հոգե-մտաւոր պահանջքներուն գոհացումով, նախաձեռնութիւններու անկաշկանդ թռիչքով, կեանքի հանդէպ սեփական ոճով, մտածելու ինքնուրոյնութեամբ եւ զայն արտայայտելու ամբողջական իրաւունքով։ “Մարդը ազատ է իր փափաքածը ընելու, ըսելու” խօսքը ընդհանրացնողները հին օրերէն մինչեւ ներկայ օրերը կը մեղանչեն ազատութեան բարոյականութեան դէմ, առաջնորդելով մարդը ազատութեան մոլորեցնող ուղիներու, բնազդային եւ բնախօսական պահանջքներու սանձարձակութեան, ընկերային կենսաձեւերու անիշխանականութեան։ Ազատութեան բարոյականութիւնը ոչ միայն մարդուն արժանաւորութիւնը յարգող ազատութեան իրաւունքը կը պաշտպանէ, այլեւ, մանաւա՛նդ մարդ ազատութիւն փոխ-յարաբերութիւնը սահմանագծելով,– մարդուն օրէնքին առջեւ պարտաւորութիւններու շրջագիծէն ներս,– կը հակակշռէ մարդուն “ազատութենէն” օգտուող հաւանական շեղումները, որոնք հասարակութեան համար վնասակար արարքներ` ըլլալով հասարակական չարիքի կը վերածուին։ Հանրային բարոյականութիւնը կը խաթարեն։
Ազատականութեան ըմբռնումը իր դրական իմաստով եւ օրինականութեան սահմաններուն մէջ անձնական կարելիութիւններու իրագործման եւ ձեռնտու պայմաններու ստեղծման պատեհութիւնները կը շնորհէ մարդուն։
Ազատ ու ինքնիշխան, բայց իր ազատութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը հակակշռող մարդը կը վայելէ բնական իրաւունքի այն բարիքները, որոնք իրն են իր ծնունդով իսկ սահմանուած։ Այդ բնական իրաւունքները մի՛շտ ալ խլուած են մարդէն տարբեր ժամանակներու ընկերային-պետական կառոյցներու պարտադրած սիստեմներով։ Կամ՝ մարդերու կողմէ մարդու հանդէպ անմարդկային վարմունքով։ Բռնարարքներով։
Մարդուն բնական իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն սահմանադրականօրէն նուիրագործումը առաջին անգամ հռչակւեցաւ աշխարհի ընկերային մտածողութիւնը յեղաշրջող ֆրանսական Ա. Մեծ Յեղափոխութեան 1791-ի «Մարդկային Իրաւանց» յայտարարութեամբ, որ մարդը իրաւատէրը կը դարձնէ իր ազատութիւններուն։ Հոն իրաւամբ նշուած է. «Նկատի ունենալով, որ տգիտութիւնը, մոռացումը կամ արհամարհանքը մարդու իրաւունքներուն հանրային չարիքի միակ պատճառներն են, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը որոշեց, հանդիսաւոր արտայայտութեամբ մը, այդ բնական իրաւունքները դարձնել նուիրական եւ անկողոպտելի»:
Ինչքա՜ն ալ, մարդը իբրեւ ազատ կամքի տէր էակ իր ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան համար բնական իրաւունքներ ունենայ, որոնք նուիրական ու անկողոպտելի ըլլան, ազատութիւնը անպայմա՛ն կ՚ենթադրէ նաեւ հակակշռում եւ ինքնապատասխանատուութիւն՝ մարդու կոյր, բացարձակ եւ սանձարձակ ազատութեամբ գործելիք արարքներուն հանդէպ։ Գրագէտ Պէրնար Շոյի խօսքը՝ «Ազատութիւն կը նշանակէ պատասխանատուութիւն, ահա թէ ինչո՛ւ մարդոց մեծ մասը կը վախնայ անկէ»՝ կեանքէն թելադրուած ճշմարտութիւն մըն է։ Ճշմարտութիւն մը, որ մարդը դէմ յանդիման կը դնէ իր ազատութեան նկատմամբ պատասխանատուութեան հետ։ Հո՛ն ուր մարդը ինքզինք զերծ կը պահէ պատասխանատուութեան յանձնառութենէն. հո՛ն ուր մարդը սանձարձակութեան եւ անիշխանականութեան առաջնորդող արարքները հակակշռուած չեն պետական քաղաքականութեան բարոյականութիւնը կազմող սկզբունքներով եւ օրէնքներով՝ այդպիսի պայմաններու եւ կացութեան մէջ մարդը հակամէտ է տկարանալու, շեղելու, սայթաքելու, մոլորելու, վրիպելու եւ “ազատութեան մէջ կորսուելու”: Ահա թէ ինչո՛ւ Պերնար Շոյի “մարդոց մեծ մասը կը վախնայ անկէ” սրամիտ ակնարկութեամբ հաստատումը կ՚արդարանայ այն իմաստով որ՝ մարդիկ ճանչնալով իրենց տկարութիւնը կը վախնան, կը զգուշանան “կոյր ազատութենէն”։ Անոր հրապոյրի խայծէն թակարդուելէն…։
Արեւմտեան ազատ աշխարհի ազատ մարդկութեան ապրած ներկայ տագնապներէն մէկն ալ՝ “Ազատութեան մէջ կորսուող սերունդները չե՞ն…:
Ազատութեան մէջ աճող եւ բազմացող կրօնական աղանդները քրիստոնեայ աշխարհին մէջ “աստուածներու խուճապ”էն շուարած քրիստոնեաները կ՚առաջնորդեն զարտուղի եւ սնոտիապաշտ այնպիսի կրօնական ուղղութիւններու, որոնք ո՛չ միայն քրիստոնէական–Աստուածաշնչական տեսակէտով հերձուածներ ըլլալով հակա-կրօնական են, այլեւ՝ մարդկային տեսակէտով մեղանչումներ են մարդու բարոյական ըմբռնումներուն դէմ։
Սկզբունքով մարդը խղճի ազատութիւն ունի իր ուզած կրօնքը պաշտելու։ Սակայն, զանազան նպատակներու համար չարաշահուող կրօնական աղանդները իրենց հետեւորդներն ու “հաւատացեալները” բազմացնելու համար, բացի իրենց տրուած “ազատութենէն” օգտուելով եւ ընծայուած քարոզչական միջոցները օգտագործելով իրենց “կրօնք”ը կը տարածեն ժողովուրդին մէջ, այլ նաեւ բռնի առեւանգումներով կ՚ապահովեն իրենց հաւատքի ուղեկից դառնալու կոչուած “որսեր”ը…: Հո՛ս եւ այս պայմաններու տակ ազատութիւնը իր վսեմ իմաստէն պարպուելով կ՚արժեզրկէ նաեւ, այլապէս մարդուն ընկերային եւ հոգեկան զարթօնքին արտայայտութիւնը եղող խղճի ազատութեան իրաւունքը…:
Ազատութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ նաեւ իր կաշկանդումները, սահմանափակումները եւ սահմանները։ Ազատութեան պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ կիրարկումը պետական եւ անհատական մակարդակներու վրայ պիտի հակակշռէ, որ կրօնքը ոչ մէկ կերպով առարկայ դառնայ շահագործումի, առեւտրականացումի եւ ճնշումի…։
Ազատութիւնը իր կաշկանդումը, – առանց ճնշումի եւ բռնութեան,– ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի մարդը իր խղճի կատարեալ եւ ամբողջական ազատութեամբ չիյնայ, չսայթաքի կրօնական աղանդներու լպրծուն գետիններուն վրայ…։ Չայլանդակուի…։
Այսպէս կոչուած ազատ աշխարհի մէջ պետական եւ անհատական մակարդակներու վրայ մարդուն տրուած “սեռային ազատութիւնները” ո՛չ միայն ապականեցին ընկերութիւնը, խաթարեցին ընկերային հասկացողութիւնները, խախտեցին բարոյական աւանդական սկզբունքները, այլեւ՝ ցնցեցին իր հիմքէն մարդկային ընկերութեան ամէնէն զօրաւոր խարիսխը հանդիսացող Ժորժ Սանթայանայի բնորոշումով՝ “բնութեան գլուխ գործոցը նկատուող ընտանիքը։ Մարդկային, կրօնական եւ հոգեֆիզիքական իմաստէն եւ խորհուրդէն պարպող սեռային սանձարձակութիւններու ազատ ու արտառոց կիրարկումները, որոնք արդէ՛ն մարդը նուաստացնող բնոյթ եւ տարողութիւն ստացած էին՝ միասեռականութեան ալ պաշտօնապէս նուիրագործումը ընկերութիւնը իբր բարոյականութեան ապականութիւն առաւել եւս կը խրեն ճախճախուտին մէջ, մարդը իբր Աստուծոյ արարչագործութեան պսակը ստորնացնելով…։
Ազատութիւնը՝ ո՛չ միայն սահմանափակութեան իր թեւերը պիտի տարածէ սեռային ազատութիւններու սանձարձակութեան վրայ, վերացնէ ու ջնջէ մարդը նուաստացնող իր զանազան արտառոց արտայայտութիւններն ու եղանակները, այլեւ՝ խափանէ զանոնք քաջալերող, ծանօթացնող եւ ընդհանրացնող պոռընկագրական գրականութիւնը, շարժանկարներն ու տեսերիզները (վիտիօ-քասէթ):
Խօսքի եւ մտածումի ազատութեան չարաշահումով, այսօր գրեթէ՛ բոլոր երկիրներէն ներս, յատկապէ՛ս արեւմտեան ազատ աշխարհի մէջ, լա՛յն տարածում գտած են պոռնկագրական պատկերազարդ հրատարակութիւնները, սեռային արտառոց յարաբերութիւններու նկարագրութիւններով եւ պատկերասփիւռի ազատ կայաններէն արտօնուած են նաեւ այդ կարգի տեսերիզներու ցուցադրութիւնները։ Ըստ 1992–ին, Ամերիկեան հոգեբանական ընկերութեան մը վիճակագրական տուեալներէ կազմած տեղեկագրին. «Երեխաները պատկերասփիւռի յայտագիրներէն կը սորվին այնպիսի ցեղային նախապաշարումներ, սեռային արարքներ եւ վայրագ վերաբերմունքներ, որոնք կը գործադրուին իրենց կեանքին մէջ։ Նախակրթարանը աւարտած ամերիկացի աշակերտը տեսած կ՚ըլլայ արդէն ութը հազար մարդասպանութեան եւ հարիւր հազար վայրագ եւ սեռային արարքներ»:
Ազատութեան այս կարգի ըմբռնումներն են, որ ընկերութեան բարոյական անկումը կը փութացնեն։ Երիտասարդութիւնը կը փճացնեն։ Ընտանիքը կը կազմալուծեն։
Եթէ մէկ կողմէ ազատ աշխարհի երկիրները իրենց ազատամտութեան բարքերով մարդը առաջնորդեցին ինքնահակակշռումէ եւ ընկերա-բարոյական կաշկանդումներէ զերծ ազատ ապրելակերպի ծայրայեղութիւններուն, միւս կողմէ ամբողջատիրական վարչաձեւ ունեցող երկիրները (Խ. Միութիւն, Արեւելեան
Եւրոպա] ուրիշ ծայրայեղութեամբ մը մարդը զրկեցին իր բնական իրաւունքներէն եւ ազատութիւններէն։ Մարդուն ընկերային եւ հոգեկան զարթօնքին ծառայող երեւոյթներն ու արտայայտութիւնները եւ անհատական ազատ թռիչքները ո՛չ միայն ջնջուեցան բռնօրէն, այլեւ՝ մարդկային արժանաւորութեան մարդկայնական սկզբունքներ ոտնակոխելով մարդը հալածուեցաւ, հոգեբարոյական խոշտանգումներու ենթարկուեցաւ, աքսորուեցաւ սպաննուեցաւ։
Մարդը արժէքներու գերագոյնը դաւանող ընկերային մտածողութիւնը մնալով տեսականի ծիրին մէջ, մարդը վերածեց անհատականութենէ զուրկ խլեակի մը, որ յաճախ շփոթուեցաւ մեքենայի պտուտակին հետ: Թիթօ՝ որ Խ. Միութեան մէջ կիրարկուող ընկերվարութեան հակադրուելով իր երկրին՝ Եուկոսլաւիոյ պայմաններէն մեկնող ընկերվարութեան մը կերտումին հետամուտ եղաւ, իր ընկերվարական ազատական-ժողովրդավարական հայեացքներուն եւ Խ. Միութեան “Պրոլետարական Տիքթաթորիային” տարբերութիւնը հետեւեալ կերպով բնորոշեց
«Եուկոսլաւիոյ մէջ մարդը կը նշանակէ ամէն ինչ։ Մեր նպատակն է ինչքան շուտ լաւ կեանք ստեղծել ժողովուրդին համար։ Խ. Միութեան մէջ մարդը թիւ մըն է եւ ժողովուրդը անգոյն ամբոխ մը, որ միայն պիտի հետեւի եւ իրագործէ իր ղեկավարներուն հրահանգները»։
Խղճի ազատութեան վերացումով եւ կաշկանդումով խորհրդային քաղաքացիներուն մէջ կրօնքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը աւելի սրեցաւ…: Կրօնական եւ հաւատքի երեւոյթները արգիլուելէ եւ հալածուելէ բացի, կրօնական մշակոյթը ամբողջ փճացւեցաւ եւ թոյլ չտրուեցաւ նորին ստեղծումը։
Մտածումի եւ խօսքի ազատութեան բռնադատումը՝ ստեղծագործ մտաւորականութեան մէջէն ծնունդ տուաւ այլախոհական շարժումներու, դէմքերու՝ որոնք իրենց հայեացքները յառեցին ազատ աշխարհի ազատութիւններուն…: Գրաքննութիւնը կաշկանդեց մշակոյթը։
Ճզմուեցան ազատութեան ձգտող ամէն կարգի պոռթկումները։ Ե՛ւ մտածողութեամբ ե՛ւ կեանքի պայմաններով կաղապարուած խորհրդային քաղաքացին երկար սպասեց եւ սուղ գին վճարեց պարտադրուած պատեաններէն եւ կաղապարներէն դուրս գալու, գլուխը բարձրացնելու եւ շունչ առնելու համար…:
Ընկերվարութիւնը իր ազատական եւ ժողովրդավարական ուղիէն շեղելով Խ. Միութիւնն ու Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները փուլ եկան մէկը միւսին ետեւէն եւ քայքայուեցան։
Քայքայումը չի ժխտեր երկրին եւ ժողովուրդին համար անոր ստեղծած ընկերային, տնտեսական, գիտական եւ մշակոյթի բարիքներն ու յառաջդիմութիւնները։
Բայց մարդուն մէջ որքա՜ն գերիշխող է ազատութեան ձգտումը, նոյնքա՛ն տիրական է անիշխանականութեան հանդէպ հակազդեցութիւնը եւ կարգ-կանոնի նկատմամբ բնական հակումը։ Ասոր կենդանի օրինակը ցայտուն գիծերով ակնյայտ դարձաւ Խ. Միութեան փլուզումէն ետք, անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն ստացած զանազան հանրապետութիւններու քաղաքացիներէն արտայայտուած հակազդեցութիւններով։ Այդ ուղղութեամբ կատարուած հարցախոյզները համադրող Դոկտ. Նաթալիա Փրոխորովա՝ իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ, խորհրդային խիստ վարչաձեւէն ազատագրուած քաղաքացիներու մեծամասնութեան հակազդեցութիւնը հետեւեալ յատկանշական արդիւնքով կ՚ամփոփէ. «Հարցախոյզները ի յայտ կը բերեն մարդոց բարձր տոկոս մը (43 առ Հարիւր), որ այն կարծիքը կ՚արտայայտէ, ըստ որում նուազ դեմոկրատիա ըլլայ, սակայն աւելի՝ կարգ–կանոն։ Կարծր քաղաքականութիւն, կարգապահութիւն եւ քիչ խօսք կը փափաքին հարցախոյզի մասնակցողներէն կէսէն աւելին (66 առ հարիւրը)»։
Բայց գոյութենապաշտութեան իր փիլիսոփայութենէն մեկնող Ժան Փօլ Սարթրի մտածողութեան համաձայն, «Մարդը դատապարտուած է ազատ ըլլալու։ Ազատութիւնը պէտք է ընդունիլ իբրեւ աղբիւր բոլոր արժէքներուն»:
Մարդկութեան պատմութիւնը ազատութեան գիտակցութեան զարգացման պատմութիւնն է եթէ փիլիսոփայական մտքի գնահատութեամբ, է՛ միաժամանակ մարդու ազատագրութեան պայքարի հոլովոյթը՝ իր բազմերես տարողութեամբ։ Հակառակ մարդու ազատագրութեան ուղիին՝ ստրկատիրական–ֆէօտալական, կղերա-կալուածատիրական հասարակարգերէն մինչեւ պուրժուա-դրամատիրականը՝ մարդը չդադրեցաւ շահագործումի առարկայ ըլլալէ… եւ մնալէ։ Մարդուն երկար ու անզիջող ազատագրական պայքարները եթէ զինք ձերբազատեցին ստրկատիրութեան շղթաներէն, ապա՝ արտաքնապէս անտեսանելի, բայց տնտեսա-ընկերային պայմաններու պարտադրանքով անոր ձեռքերուն եւ վզին կապուեցաւ պուրժուա-դրամատիրական հասարակարգի նոյնքա՛ն կեղեքիչ եւ ճնշիչ դրամագլուխի եւ շահոյթի շղթաները։ Հակառակ նոյնիսկ աշխատաւոր մարդոց արիւնով ձեռք ձգուած իրաւունքներուն, մարդը մնաց ու կը շարունակէ մնալ տնտեսա-ընկերային տեսակէտով իրաւազուրկ ու կախեալ՝ դրամատերի շահածարաւ տիրակալութենէն։
Ճաբոնցի փիլիսոփա Եանակիտա Կենձեուրոյ՝ «Ազատութեան Փիլիսոփայութիւն» գիրքին մէջ, մարդու տնտեսա-ընկերային ազատագրութեան մասին կը կատարէ հետեւեալ խոհական վերլուծումը. «Դրամատիրական աշխարհի մէջ աշխատաւոր պարզ ու համեստ մարդիկը իրենք զիրենք ամենեւին ազատ չեն զգար: Այդ հասարակարգի պայմաններուն տակ, ամէն ինչ դրամի վրայ հիմնուած է։ Դրամազուրկ մարդուն հետ չեն վերաբերիր որպէս մարդ, եթէ նոյնիսկ ան ընդունակ ու տաղանդաւոր է։
Թէեւ կը խօսին մարդու արժէքի մասին, բայց ան վերջին հաշիւով դրամի արժէքն է։ Նոյնիսկ ամենաանպէտք մարդը, եթէ ան դրամ ունի, կը փառաբանուի որպէս ականաւոր անձնաւորութիւն, շատերն ստիպուած կ՚ըլլան գլուխ ծռել անոր առջեւ։ Եթէ դրամատէրին գործը յաջող ընթացաւ, ան նո՛յնիսկ խորհրդարանի անդամ կը դառնայ, մինչեւ իսկ՝ նախարար եւ կրնայ յայտարարել. “թող աղքատները գարի խժռեն”»։
Մարդուն ընկերա–տնտեսական կախեալութիւնը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար մարդուն մատնուած թշուառութեան պայմանները զայն կը զրկեն “աղքատութեան ազատութեան մէջ” այնպիսի ազատութենէ մը, որ աւելի աւելի թանկ է քան բուն ազատութիւնը՝ ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՐԻՈՒԹԵՆԷ։ Հոգեկան արիութենէ զուրկ մարդը բարոյական ստրկամտութեան ենթակայ մնալով ինքն իր զոհը կը դառնայ։ Կը կորսնցնէ իր անհատականութիւնը կամ չվերագտնելով զայն կը վերածուի կամազուրկ “ազատի…: Հոս է, որ Արփիար Արփիարեանի մտածումը՝ մարդու կամ ժողովուրդի բարոյական ազատութեան տեսանկիւնէն կրկնապէս կ՚արժեւորուի. «Ժողովուրդ մը կրնայ աւելի դիւրաւ ազատիլ քաղաքական գերութենէն քան բարոյական ստրկութենէն»:
Մարդու բարոյական ստրկութեան կապանքները իր հոգեբա նական ծածկոյթով թէեւ անտեսանելի է, բայց նոյնքա՛ն խոցելի՝ մարդկային արժանապատուութեան համար։ Ու ի՜նչ արժէք կը ներկայացնէ մարդուն ազատութիւնը՝ մարդը իր կարելիութիւններու իրագործումէն զրկող նիւթական անապահովութեան մէջ եւ անհատը իր հոգեկան բարձրութենէն իջեցնելով՝ մարդու կոչումին անարժան ապրելակերպի պայմաններով…: Արժանապատուութեան վիրաւորանքով։
Մարդը ե՛ւ դրամատիրական հասարակարգի տակ, որ ազատ աշխարհի մենաշնորհը վերապահեց ու կը վերապահէ ինքզինքին, ապրեցաւ ու կ՚ապրի նիւթին տիրապետութեան գերեալ վիճակով. ե՛ւ Խ. Միութեան մէջ, որ աշխարհի ընկերվարական Ա. յեղափոխութիւնը որպէս՝ ունէր ու ընկերային առաքելութիւնը մարդը կեղեքումէ եւ շահագործումէ ազատագրելու, եօթանասուն տարիներ մարդը դարձեալ ապրեցաւ նիւթական կարիքի անել ցանցին մէջ… զո՛ւրկ նաեւ՝ անհատական նախաձեռնութիւնը քաջալերող ազատութենէ…:
Մարդուն ընկերային ազատագրութեան ձգտումը վառ մնալով կը շարունակուի ամէն երկինքի տակ…:
Մարդուն բարոյական ստրկութիւնը որքա՜ն ընկերային անարդարութեան վատթար պայմաններուն հետեւանքն է, նոյնքա՛ն մեծ է քաղաքական գործօնին ազդեցութիւնը։ Քաղաքականօրէն ազատ չեղող մարդը ենթակայ է բռնատիրական ճնշումի։ Ահա թէ ինչո՛ւ առաջին օրէն եւ մինչեւ օրս մարդու ազատութեան գաղափարը սերտօրէն եւ անքակտելիօրէն կ՚աղերսուի քաղաքական ազատութեան հետ, որ զերծ պահելով անհատը քաղաքական ամէն կարգի ճնշումներէ, բռնատիրական ահաբեկիչ սարսափներէ եւ մտքի վրայ կապանքներ հաստատող գրաքննութենէ՝ կ՚օժտէ քաղաքացիական ազատութեամբ եւ լիակատար իրաւունքներով։
Ափրիկեցի գրագէտի մը՝ Պրէյթըն Պրէյթընպախի կեանքէն իր իսկ կողմէ պատմուած դրուագին մէջ կը կատարէ հետեւեալ մէջբերումը բանտի տնօրէնէն՝ իր գրածներուն համար եօթը տարուան արգելափակումէն ետք.
– ԱԶԱՏ ԵՍ ՈՒԶԱԾԴ ՄՏԱԾԵԼՈՒ, ԲԱՅՑ ՉԸԼԼԱՅ ՈՐ ԶԱՆՈՆՔ ԳՐԵԼ ՓՈՐՁԵՍ:
Մտածումը այնքան ատեն, որ մտքի պարունակին մէջ սահմանափակուած է, վտանգ չի ներկայացներ, զայն գիրի եւ խօսքի ուժին վերածող գրականութիւնն է որ սարսափը կազմած է բոլոր կարգի ազատախեղդ քաղաքական ամբողջատիրական բռնատիրութիւններուն։ Մտածածը ըսելու, զգացածը արտայայտելու եւ ճշմարտութիւնը պատգամելու կոչումով` փիլիսոփաները, գրագէտները եւ արուեստագէտները հալածուած են հոն ուր բռնատիրութիւնը դէմ կանգնած է մարդու ազատութեան իրաւունքին։ Բարոյական, հոգեբանական եւ քաղաքական ճնշումի բռնամիջոցները, որոնք ի գործ դրուած են ե՛ւ Արեւելքի ե՛ւ Արեւմուտքի մէջ՝ ճշմարտութիւնը խափանելու եւ մտածումին անկաշկանդ արտայայտութիւնը արգելակելու հակա-դեմոկրատական շարժառիթներէ մղուած են։ Գրագէտ Վահէ Օշական «Ո՞ւր է Ազատութիւնը» խորագրուած իր մէկ յատկանշական յօդուածին մէջ, որ բացի ազատութեան մասին իր խոհերը բանաձեւելէ, տուած է ներկայ ժամանակներու ազատութեան տագնապին բնութագիրը, կը գրէ իրաւամբ. «Հաւանաբար միակ անձը, որ կը զգայ հաւաքական այլասերումին վտանգը, այն անձն է, որուն համար մտածումի եւ արտայայտութեան ազատութիւնը գերադաս է քան որեւէ այլ չահ – այսինքն՝ արուեստագէտ մտաւորականը։ Ամէնէն վտանգաւոր անձը, մեր դարուն, զոր կը հալածեն հոն ուր կը վախնան ճշմարտութենէն, Արեւելք Արեւմուտքի մէջ։ Որքան որ հալածեն, այնքան կը զօրանայ այն բարոյական ուժը՝ որ արուեստի մարդը կամ բարձր յեղափոխականը դրած են ազատութեան իրենց հաւատքին մէջ։ … Յետոյ դատապարտել Խորհրդային Միութիւնը իր բռնատիրական մեթոտներուն համար ու անտեսե՞լ Թուրքիոյ, Լատին Ամերիկայի որոշ երկիրներու, Հարաւային Ափրիկէի, Իսրայէլի ու զինուորական ռեժիմներու մէջ մարդկային մտքի ու խղճի ազատութեան դէմ գործուած ոճիրը, որ նոյնքան անպատիժ կը մնայ, որքան Խորհրդային Միութեան մէջ եղածը։ Դեռ թարմ է յիշողութեան մէջ Ֆրանսիս Ժանսոնի, Ժան Ժընէի, Սարթրի եւ այլ մտաւորականներու դէմ եղած հալածանքը Ալճերիական պատերազմին ընթացքին։ Անմիջական անցեալին մէջ, Քազանցաքիս, Ներուտա,
Հիքմէթ, Թէոտորաքիս, Քսենաքիս, Քեմալ Եաչար քի՞չ տառապեցան “պետական ապահովութիւն” կոչուած կեղծ առասպելին դէմ ելած ըլլալնուն համար»:
Մարդուն ազատութեան իրաւունքը խլած եւ խորհելու ազատ արտայայտութիւնը կաշկանդած ռեժիմներու տակ ո՛չ միայն գրաքննութիւնը բռնաբարած է մարդուն, արուեստագէտին եւ մտաւորականին արժանաւորութիւնը, այլեւ՝ հոգեբանական այն գրաքննիչը, որ կը զրկէ մարդը հոգեկան այնպիսի՛ թռիչքներէ, ձգտումներէ, երազներէ, որոնք հոգիի եւ խիղճի տէր մարդուն էութիւնը կը կազմեն։ Չկա՛յ աւելի դաժան հալածանք, քան այն երբ մարդը իր ապրած միջավայրին բարոյական ճնշումին ենթակայ, իր ստուերին մէջ կը տեսնէ զինք հալածողներու չարաշուք ստուերները եւ մնայուն կերպով յաճախանքին տակ անոնց՝ հոգեպէս կ՚ամլանայ, զգացումներէ կը բթանայ։ Մտածումները կը սառին։ Տեւաբար հաշուետու կը զգայ իր ներքին “գրաքննիչ”ին…:
Հայրենի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեան՝ Խ. Միութեան դեմոկրատական ազատութիւններու ծաւալման շրջանին գրի առած խոհերուն մէջ, այսպէ՛ս կը բնութագրէ “հոգեբանական գրաքննիչ”ին ժխտական անդրադարձը ստեղծագործ մարդու ազատութեան վրայ. «Կարողանա՞մ պիտի, արդեօք, այդ ամենի մասին խօսել լիաձայն, արդեօք հենց ինքս հոգեբանօրէն լիովին ազատագրուե՞լ եմ այն ամբողջ հնից, որով տարիներ շարունակ լցուած է եղել մեր մթնոլորտը եւ որն, ինձանից անկախ մարմնիս ծակոտիներով ներթափանցել է իմ մէջ ու անտեսանելիօրէն բնաւորուել: … Բայց, այնուամենայնիւ, իմ մէջ էլ կամայ թէ ակամայ նստած է եղել ու, հաւանաբար դեռ նստած է հոգեբանական գրաքննիչը, Մայակովսկու խօսքով ասած “խայտառակ խելամտութիւնը”։ Ամենից դժուարն, այո՛, հենց այդ ներքին գրաքննիչից, այդ “խայտառակ խելամտութիւնից” ազատագրուելն է, որ երեւի ժամանակ ու հոգու դժուարին աշխատանք է պահանջում»:
Մարդու իրաւունքի գնահատութեամբ ազատութիւնը դատ մըն է, որ զարգացման իր հոլովոյթները ապրելէ ետք, քսաներորդ դարու վերջաւորութիւնը նշող ներկայ հանգրուանին՝ կ՚ընդգրկէ քաղաքակրթութեան մարդը փճացնող ճարտարարուեստական մետաղի տիրակալութիւնը մարդուն վրայ. տնտեսա-ընկերային ազատագրութիւնը բարօր կեանքի հեռանկարով. քաղաքացիական ամբողջական իրաւունքներուն տիրացումը. անձնիշխանութեամբ պայմանաւորուող ազատութիւնը՝ մարդուն էութեան եւ հոգիին հաշտ ապրելակերպով…։ Աստուածային արարչագործութեան սահմանած ազատութեան ճշմարիտ հունով, որ մարդուն արժանաւորութիւնը վեր կը դասէ բոլոր կարգի արժէքներէ…։

29 Յուլիս, 1992

ՄԱՐԴԸ՝ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ
ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻՆ

Տխրութեան սաղմոս արձակեց հոգիս, երբ մարդու նման մեքենան քալեց արահետներէն սրտի հետքերուն… ու զարհուրանքի զարմանքով խառն ճիչեր լսուեցան ի տես անանուն մարդերու ձեռքով երկինքը կրկնող ձեւազեղծումին շուարուն աչքով՝ դիտուած երկաթէ խեղաթիւրումին…
ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Աստուածային թէ մարդկային չափանիշներով, ապրող եւ շնչող էակներուն մէջ, մարդը է՛ր ու կը շարունակէ մնալ կեանքի եւ բնութեան ամէնէն գեղեցիկ ստեղծագործութիւնը։ Մարդը իր ստեղծագործական բնոյթին գեղեցկութեամբ եւ հոգեկան արժանաւորութեամբ պահելու կոչումը ունին երկինքէն սկսելով երկրային բոլոր ընկերային կառոյցները. կրօն, պետութիւն, ընկերութիւն։ Երկինքէ՛ն երկիր՝ մարդասիրութիւնն է հոգեկան թաւալքին շարժիչ լծակն ու մղիչ ուժը։
Մարդասիրութեամբ պայմանաւորուած է մարդուն՝ իր հոգեկան եւ ֆիզիքական ներդաշնակ կերտուածքով պահպանումը։
Կրօնքին կոչումն է բարձրացնել մարդը իր մարդկային արժանաւորութեան եւ թոյլ չտալ, որ ան ոտնահարուի ընկերային ու քաղաքական ճնշումներէն, ճզմուի ընկերութեան անարդարութիւններէն…: Չդրուի՛ անշունչ, անհոգի առարկայի տեղ…։
Ամէն բարիք, յառաջդիմութիւն եւ իրագործում մարդուն համար կը դաւանին մարդկայնական կառոյցի վրայ հիմնուած ընկերութիւնները՝ պետական ըլլան կամ հասարակական։
Մարդուն մարդկային իրաւունքները կոչուած են պաշտպանելու մարդը ամէն իրականութենէ, ամէն գոյացութենէ եւ ամէն արժէքէ վեր դասող կրօնական թէ մարդկային իրաւանց կառոյցները:
Մարդուն ոչնչացման, անիրաւման, ոտնահարման բոլոր վտանգները ո՛չ միայն կը շարունակեն տագնապեցնել` զայն, այլեւ՝ կեանքի մեքենականուցումէն ետք, որ սկսաւ այս դարուն սկիզբը, մարդը դրած են դէմ յանդիման մարդամեքենաներու սպառնալիքին՝ դարու վերջաւորութիւնը նշող ներկայ հանգրուանին…։
Ինչպէս մարդուն ստեղծած հիւլէական եւ ջրածնային ռումբը իր անդոհանքը կազմեց, նոյնպէ՛ս ալ, իր ձեռքով մեքենային կատարելագործումովը կը սպառնայ մարդկային դերի արժեւորման։ Հիւլէական ռումբի ահազանգէն ետք, համակարգիչներու եւ մարդամեքենաներու յեղափոխութեան ահազանգը կը հնչեցնեն աշխարհի մէջ քիչ մը ամէն տեղ՝ մասնաւորաբար ճարտարարւեստականացած երկիրները։ Կ՚անդրադառնան, որ գիտութեան զարգացումը, ճարտարարուեստականացման արագ ընթացքը եւ արհեստավարժութեան կատարելագործումը կ՚արժեզրկեն մարդը իր գոյութենական իմաստէն։
Կեանքի եւ ընկերութեան մէջ իր բնոյթին եւ արժէքին անփոխարինելիութեան հաւատացող եւ անով հպարտութեամբ ապրող մարդը տեղի տալով կը զիջի մարդամեքենային առջեւ…: Մարդուն հպարտութիւնն ու արժանաւորութիւնը կը կոխկռտուին մարդամեքենաներու երկաթեայ կրունկներուն տակ…:
Քաղաքակրթութեան ստեղծիչ մարդը չէ՛ր պատկերացներ, որ մեքենայի կատարելագործման արտայայտութիւններէն՝ մարդամեքենան պիտի սպառնայ օր մը թէ իրեն եւ թե՛ քաղաքակրթութեան։ Պիտի դառնայ մարդը եւ քաղաքակրթութիւնը իր տիրապետութեան տակ պահող ուժը։ Մարդուն պատկերացումին մէջ որ օգտապաշտական ձգտումներէ կը մեկնէր, մեքենան կը ներկայանար մարդուն լծակիցի դերով, անոր աշխատանքին ծանրութիւնը թեթեւցնողի առանձնայատկութեամբ։ Այս տեսակէտով ալ, ճարտարարուեստական մարդամեքենաները, իրենց թեքնիկ առաւելութիւններով եւ իրենց բերած նպաստին բարիքներով կենսական պահանջքը կազմեցին ընկերութեան։ Հո՛ն ուր մարդը փոխարինելով չ՚արժեզրկեր զայն, ընհակառակը լծակիցն է մարդուն, անոր բարօրութեան ու երկարակեցութեան՝ բարի՛ք է։
Աշխատող մարդկային ձեռքե՞ր թէ մարդամեքենաներ…։
Այս իսկ է մարդկային ընկերութիւնը տագնապեցնող հիմնահարցը՝ մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն։ Երբ մարդամեքենաները ողողեն մեր կեանքը,– գեր-ճարտարարուեստականացած երկիրները ողողած են արդէն, ո՞ւր պիտի մնայ մարդկային աշխատող ձեռքերու փնտռուած կարեւորութիւնը, արժեւորումն ու գնահատութիւնը։ Մարդուն հնարած եւ շինած մեքենան մարդուն դէմ ելլելով, պիտի խլէ անոր աշխատանքի բնական իրաւունքը։ Իրաւունքին հետ հաճոյքն ու պահանջքը։ Մարդը ի բնէ, եթէ ծոյլ չէ,– աշխատելու պահանջքը կը զգայ:
Գործազրկութիւնը ընկերային վէրքն է որեւէ ընկերութեան: Ակնարկ մը՝ բաւարար պիտի ըլլայ հաստատելու աշխարհի վրայ գործազրկութեան աճող համեմատութիւնը տարուէ տարի։
Գործազրկութիւնը, նախապէ՛ս եւ մինչեւ օրս, որ երկրի մը տնտեսա-ընկերային կառոյցին պարտադրանքը կը կազմէ դրամատիրական սիստեմով երկիրներուն մէջ, իրեն դէմ կը հանէր ժողովուրդներու ընկերային պայքարը։ Շնորհիւ ժողովրդական զանգուածներու ընկերային պայքարի շարժումներուն՝ կարելի եղած է բարելաւել մարդուն աշխատելու եւ գործ ունենալու իրաւունքին պայմանները։ Հակառակ այս իրողութեան սակայն, գործազրկութիւնը չէ վերացած աշխարհէն եւ չէ դադրած մարդուն անհատապէս եւ մարդկութեան ընդհանրապէս հաւաքական արժանապատուութեան վիրաւորանքը ըլլալէ…։
Մարդը՝ ապրելո՛ւ, ընտանիք պահելո՛ւ եւ կեանքի արժանավայել մակարդակ նուաճելու համար գործի ու աշխատանքի պահանջքը ունի։ Ինքզինքին համար եւ ընկերութեան մէջ կարեւոր զգալու նախապայմա՛նը՝ գործ ու աշխատանք ունենալն է, իբր մարդկային արտադրողականութեան կենսագործումը։ Բազկի, մտքի, հոգիի՝ մարդուն հայթայթուած աշխատանքն ու գործը եւ անոր արդար վարձատրութիւնը կը կազմեն երկրի մը ընկերային առողջ կառոյցին արդար հիմունքները։ Առանց որուն ընկերային անարդարութեան զոհերը կը դառնան գործազուրկներն ու իրենց աշխատանքին եւ արտադրութեան անհամապատասխան վարձատրուողները։
Անգո՛րծ եւ այդ պատճառաւ անաշխատ մարդը չի՛ տառապիր եւ տառապեցներ միա՛յն նիւթական անբաւարարութեան եւ չգոյութեամբ, որ ընկերային անհանդուրժելի չարիքն է մարդուն ապրած ընկերութեան, այլ՝ հոգեբանական տագնապին առաջացուցած անձկութեամբ…:
Ընտանիքի հայր մը, երբ անգործ է՝ բացի կնոջ եւ զաւակներուն աչքին նուաստանալէ, անոնց առօրեայ ապրուստը չկարենալ ապահովելու հոգեմաշ տառապանքը զայն կ՚ընկճէ ֆիզիքականին առընթեր՝ բարոյապէ՛ս…։ Բարոյապէս մեռեալ մըն է ընտանիքի գործազուրկ հայր մը, որ իր ոչնչութեան արձագանգները կ՚առնէ ներսէ՛ն թէ շրջապատէ՛ն…։
Հոգեկան տագնապի նո՛յն անձկութեան անդրադարձները իրենց հոգիին վրայ իբր խոց կը կրեն անգո՛րծ հօր զաւակները…:
Ուրիշ ընկերային չարիք մըն է երիտասարդներու գործազրկութեան տագնապը, որ կ՚առաջնորդէ ըմբոստութեան, հիւանդագին մեկուսացումներու, յուսաբեկումներու եւ մինչեւ իսկ անձնասպանութեան։
Արհեստներու գծով թէ մասնագիտական պատրաստութեամբ երիտասարդներու անգործութիւնը որեւէ երկրի ընկերային կառոյցին համար՝ չ՚արդարանար…: Անոնց արտագաղթը գործ ու աշխատանքի ասպարէզ գտնելու առնչութեամբ, որքա՜ն վնաս է տուեալ երկրին համար իր երիտասարդական ուժականութենէն զրկուելու, նոյնքա՛ն մտահոգիչ է իբր հիւանդ ընկերութեան արտայատութիւն՝ մնալ ու ապրիլ որոշած երիտասարդութեան համար աշխատանքի ու գործի ասպարէզ չկարենալ ապահովելով՝ զրկուիլը անոնց երիտասարդական արտադրողականութեան բերելիք բարիքներու նպաստէն…։
Երիտասարդներու անգործութիւնը բացի հոգեբարոյական չարիք ըլլալէ երիտասարդութեան համար, կ՚արգիլէ ու կը դանդաղեցնէ Երկրի մը յառաջընթացը…:
Պատերազմները, սկիզբէն ի վեր, ա՛յլ չարիքներու հետ անգործութեան ընկերային տագնապ առաջացուցած են…:
Ընկերային պայմաններու յետամնացութիւնը տեղի տուած է միշտ անգործներու գոյութեան…: Ընկերային թշուառութեան…:
Սոյն երկու ազդակներուն միացած՝ մարդու անգործութեան մատնուելու դատապարտումին կը սպառնան մեքենաները, մարդամեքենաները եւ համակարգիչները։
Եկած է կարծես մարդկային աշխատող ձեռքերը մեքենաներով, իսկ մարդկային մտածող ուղեղները տրամաբանութեամբ օժտուած համակարգիչներով` փոխարինելու ժամանակը։ Ա՛յն ժամանակները, որ ըստ ապագայ զարգացող ընկերութիւնը պատկերացնող նախատեսութեան, մարդիկ ի վիճակի պիտի չըլլան ընելէ այն ինչ որ մեքենաները կարող են ընել։ Հոս իսկ կը սկսի մարդու ճակատագրին նոր ողբերգութիւնը։ Մարդու բազկի աշխատքէ առաջացած օրհնաշատ քրտինքը պիտի չհոսի այլեւս դաշտի ու կեանքի ակօսներէն, մարդու ճակատին արահետներէն եւ միախառնուելով առօրեայի աշխատանքային տիղմին պիտի չպարգեւէ մարդկային ֆիզիքական ուժով եւ ձեռային հնարամիտ ճարտարութեամբ ապահովուած աշխատանքի արդար բերքը…:
Քրտնաթոր աշխատանքը պիտի փոխարինուի անքրտինք մարդամեքենայով։ Եւ ճակտի քրտինքով եւ մաքառումով շահուած հացը, որ ամէնէ՛ն արդարն էր շահուած բոլոր հացերուն, մեքենաներուն ճնշումին տակ պիտի անհետանայ։ Այդ կերպով ընտանիքի մեծերուն կողմէ արտասանուած պերճիմաստ խօսքն ու պատուէրը պիտի իմաստազրկուի. «Ճակտի քրտինքով պիտի չահիս հացդ»: Մարդու բազկին արտադրողական ուժը պիտի դադրի ճարտարարուեստական ընկերութեան համար անփոխարինելի ըլլալէ…։ Ճարտարարուեստական ընկերութեան կողմէ նախապէս շահագործումի առարկայ մարդը պիտի ձերբազատուի թէեւ շահագործումէ, ո՛չ թե արտադրութեան բարիքներուն արդար եւ հաւասար բաշխումի սկզբունքով… այլ՝ մարդամեքենայով փոխարինուելով։ Ճակտի քրտինքով հանապազօրեայ, արդար հացը շահելու աշխատանքէն դադրեցումով…։
Ճարտարարուեստի արտադրութեան կեդրոններուն՝ գործարաններուն համար, որոնք մարդ գործաւորներով կը վխտային, տնտեսագէտներ կը նախատեսեն մեքենականացնել այսինքն՝ մարդ մեքենաներու ներխուժող ողողումով…։ Արհեստագիտական յեղաշրջումը ի վնաս մարդուն պիտի օգտագործուի…։
Ճիշտ է, որ մարդը փոխարինող մարդամեքենաներով այսուհետեւ աւելի շատ եւ աւելի արագ կշռոյթով արտադրութիւններ պիտի հոսին սպառողական շուկաներէն ներս, բայց ինչքա՜ն բան պիտի կորսուի մարդու էութենէն, բնատուր իրաւունքէն, արժէքէն՝ իւրաքանչիւր անհետացող արհեստին հետ…:
Միա՛յն մարդու բազկի արտադրողականութեան սպառնացող վտանգ չէ արհեստագիտական յեղաշրջումը, այլ՝ համակարգիչի յեղափոխութեան արագընթաց յառաջացումով մարդկային խելքին եւ տրամաբանութեան։ Միացեալ ալ նահանգներու մէջ արդէն կը գործէ «Արուեստական խելքի» տարրալուծարան մը, որուն տնօրենին՝ Մարդին Մինսքիի համաձայն, տրամաբանութեամբ օժտուած համակարգիչ մը պիտի կրնայ մարդուն դիմագրաւած առօրեայ հարցերը լուծել։ Փոխարինել մարդուն միտքն ու տրամաբանութիւնը։ Մարդկային իմացական մակարդակը նուաճելու փորձարկումները կը շարունակուին եւ առաջին հերթին կը մտածուի ըստ Մարդին Մինսքիի. «Շինել մեքենայ մը, որ ունենայ 5 տարեկան երեխայի մը իմացական կարողութեան մակարդակը» եթէ կարենանք կ՚եզրակացնէ ան, այդպիսի մեքենայ մը կազմել, մեր կարելիութիւնները անսահման կը դառնան:
Կարելիութիւններու անսահման տարածութիւնը նուաճելիք արուեստական խելքի համակարգիչը եւս պիտի ծառայէ մարդը անասունէն զանազանող, զատորոշող իմացական հարստութեան արժեզրկումին…։ Մարդու մտաւոր գերիշխանութիւնը եւս տկարանայ, իր տեղը զիջի…։

???????????????

ցնեն գիրքի՝ իբր մտաւոր հաղորդակցութեան իմացական կենսատու միջոց՝ դասական տարածումն ու ընդհանրացումը։ Գիրքի շուկան, որ արդէն զայն փոխարինող ուրիշ գործօններու տիրապետող ներկայութեամբ տուներէն թէ դպրոցներէն ներս, տարուէ տարի նահանջ կ՚արձանագրէ, պիտի ողողուի ելեկտրոնիկ հրատարակութիւններով։ Մինչեւ 2000 թուական համակարգիչները պիտի գան փոխարինելու տուները ոգեղէն եւ իմացական հարստութեամբ օժտող գրադարանները: Համայնագիտարաններու արտաքին տեսքին հրապոյրով ուրախանալու թէ անոնց ծաւալուն բազմաթիւ հատորներուն բովանդակութեան հարուստ գիտելիքներուն պաշարէն ընթերցումի ըմբոշխմամբ օգտուելու փոխարէն, համակարգիչ սկաւառակի մը ունկնդրութիւնը բաւարար պիտի համարուի։ Ահա թե ինչու 21–դարու մուտքի նախօրեակին ելեկտրոնիկ կազմածներու կատարելագործումով ձեռք ձգուած համակարգիչներու զարգացումը գիրքի հրատարակութեան ճարտարարուեստը յեղափոխական անկիւնադարձի առաջ կը դնէ…:
Գիրքերու ելեկտրոնիկ հրատարակութիւնները, որքա՜ն ալ աւելի խնայողական ճարտարարուեստի վերածեն գիրքի դասական տպագրութիւնը. որքա՜ն ալ հանրային գրադարաններու թէ տուներու լայն տեղ գրաւող գիրքերուն տարածութիւնը նեղցնելու կամ բոլորովին վերացնելու պիտի ծառայեն. բայց երբեք ու երբեք պիտի չյաջողին փոխարինել գիրը եւ յագեցնել մարդուն գիրի ծարաւը…: Գիրք կարդալ չսիրողներուն համար,– մանուկ թէ երէց,- 1- գիրքի համակարգիչ սկաւառակները գիրքին բովանդակութիւնը դիւրամատչելի եւ արագ եւ գրաւիչ կերպով փոխանցող մեթոտ պիտի համարուի։ Մեթոտ մը, որ անգրագիտութեան տարածման կրնայ ծառայել աշխարհի վրայ…:
Ահա թէ ինչո՛ւ հոգիի տէր մտքի մարդիկ դարու աներեւակայելի յառաջդիմութիւնը մարդուն դէմ կը համարեն՝ հոգեբանական, ընկերային թէ մտաւոր մարզերէն ներս անոր ենթարկուած ցնցումներուն համար:
Քսաներորդ դարու վախճանի մարդը պաշարուած եւ տիրապետուած մեքենային յառաջդիմութեան նուաճումներով, եթէ մէկ կողմէ կը վայելէ մարդուն ծառայող դրական արդիւնքները, միւս կողմէ անոր ուժին եւ տիրապետութեան հեռանկարներուն առջեւ կը սահմռկի իր անձկութիւններու բարդոյթին վրայ նոր մըն ալ գումարելով…:
Մարդը կ՚անդրադառնայ եւ անդրադարձումին մէջ զինք մաշեցնող եւ տագնապեցնող ցնցիչ մտածողութիւն կը դառնայ այն աճող մտավախութիւն որ բարոյապէս եւ հոգեպէս մարդու սպաննիչ մեքենային է ապագան եւ ո՛չ թէ մարդուն…:
Մեքենային տիրապետող սպառնալիքին առջեւ ակներեւ է մարդուն ապրած շուարումը…: Այդ շուարումին եւ շուարումէն առաջացող բողոքին արտայայտութիւնն էր, 1935–ական թուականներուն, երբ տակաւին այսպիսի տարողութեան՝ չէր հասած մեքենային կատարելագործումը,- մարդկայնութեան առաքեալներէն, մեծ մտածող եւ հոգեպաշտ հնդիկ՝ Մահատմա Կանտիի աշխարհը զարմացնող արկածախնդրական մէկ արարքը։
Ձեռքը, նախամեքենան խորհրդանշող իլիկ մը, անընդհատօրէն բուրդ մանելով Հնդկաստանէն ոտաբոպիկ Լոնտոն ճամբորդեց:
Մեքենայ նային՝ մարդը արժեզրկող տիրապետութեան դէմ յանդիման, մարդկային իրաւանց մեծ տեսանողին ազդարարութիւնն էր՝ աշխարհին ու մարդկութեան…: Իր արարքին ոգին, կ՚արտայայտէր վերադարձի կարօտ մը. ցանկութիւն մը դէպի մարդու բնական կեանքը՝ մեքենայի եղծանող եւ այլանդակող «յառաջդիմութեան» դէմ…:
Եթէ Քրիստոս ապրէր այս դարուն, կամ 20-րդ դարու վախճանին, ըստ մարգարէութիւններու նախատեսութեան վերստին աշխարհ գար, ի՞նչով պիտի ուզէր ճամբորդել. իր նախընտրած դանդաղաշարժ էշո՞վ, թէ արագասոյր արդիական մեքենաներով…: Ո՞վ գիտէ…: Բայց անկասկած պիտի ծառանար՝ իր այնքան սիրած մարդ էակը ճմլող, ճզմող, չէզոքացնող մեքենականութեան դէմ, որովհետեւ իր քարոզած կրօնքին՝ հիմքը կը կազմէր մարդուն արժանաւորութիւնը։ Հոգիի ճամբով մարդուն բարձրացումը…:
Կեանքի բնականութեան թշնամին դարձած մեքենականութիւնը մեր ժամանակներու յայտնութիւնը կը նկատէ Գառզուն, որուն թեքնիկ յառաջդիմութիւններուն դէմ յանդիման կանգնած մարդը համակուած է անձկութեամբը զինք ոչնչացնելու ծառայ սպառնալիքներուն ահագնութեամբ. 2. «Մարդուն զգացած անձկութիւնը մեքենայի հանդէպ։ Անձկութիւնը հանդէպ ասոր թեքնիկ յառաջդիմութեան, որ կը սպառնայ զինք ի սպառ ոչնչացնել»:
Բովանդակ աշխարհի մէջ ծաւալելու «թեքնոլոժի»ի ընկերութեան սպառնալիքը մարդը որեւէ ժամանակէ աւելի դարձուցած է ստրուկը մեքենայի բռնատիրութեան։ Ստրուկի կեանքը,ինչպիսի ստրկութիւն ալ եղած ըլլայ,– նուաստացուցիչ է եւ մարդը իր իսկական էութենէն պարպող, արժեզրկող:
20-րդ դարու վախճանը «թեքնիկ ստրուկներ»ու »ու ժամանակաշրջանն է, որ կը յատկանշուի ֆիզիքական հանգիստի հեշտակեացութեամբ, բայց հոգիի սպանութեամբ…: Հոգեկան եւ մարդկային արժանիքներու չքացումով։ Այն ընկերութեան մէջ, ուր մարդը իր հոգեկան, իմացական եւ ֆիզիքական արժանիքներով եւ կարողութիւններով աղբիւր ու միջոց չէ՝ ուժի հայթայթման, կենսաւորման, յառաջդիմութեան՝ անարժէք խլճակ է…:
Ահա թէ ինչո՛ւ իր անարժէքութիւնը հետզհետէ առաւել եւս անդրադարձնել տուող մարդամեքենաներու, ընդհանրապէս մեքենականութեան եւ տրամաբանութեամբ օժտուած համակարգիչներու սպառնալիքին դէմ յանդիման գտնուող մարդը՝ կոչւա՛ծ է յաղթահարել եւ դիմագրաւել այս վտանգն ալ…:
Ամէն բռնատիրութեան նման վե՛րջ մը, անկում մը պիտի ունենայ նաեւ մեքենայի ճնշիչ տիրապետութիւնը, որպէսզի վերայայտնուի մարդուն հոգեկան եւ իմացական վերածնունդին լոյսը…: Մարդուն իրաւ արժէքը։

27 Հոկտեմբեր, 1991

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻՆ ՏԱԿ

«Ամէն անգամ, որ մանուկ մը կը ծնի իր հետ այն յոյսը կը բերէ որ Աստուած տակաւին
Չէ յուսախաբուած մարդէն»։
Ռապինտրանաթ Թակոր
«Հինգ տարեկանէն վար 150 միլիոն մանուկ բաւարար սնունդ չի ստանար։ Անոնցմէ 23 միլիոնը գրեթէ անօթի է»։
«Աւելի քան 30 միլիոն երեխայ փողոցը կ՚ապրի»։
«Ամէն օր, աւելի քան 40 հազար մանուկ կը մահանայ»։
«100 միլիոն մանուկ բացարձակապէս դպրոց չի յաճախեր»։
«Մօտաւորապէս 7 միլիոն երեխայ պատերազմի կամ սովի հետեւանքով գաղթական է»։
ՄԱԿ–ի վիճակագրական տեղեկագիրէն
Մարդկային ցեղին աճումը պայմանաւորուած է ո՛չ միայն մանուկներու առողջ, բնական եւ կենսախայտ ծնունդով, այլեւ անոնց լոյս աշխարհ գալէն ետք առողջապահական, ընկերային, բարոյական եւ ապահովական պայմաններուն հանդէպ մարդկային սիրով եւ կարեկցութեամբ յատկանշուող խորունկ պատասխանատուութեամբ։ Մանուկը ծնող ծնողքէն զայն շրջապատող ընկերութիւնը եւ ընկերութենէն վաղուան իր քաղաքացին դառնալու կոչուած պետութիւնը պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պարտաւորուած են աստուածային կամքով թէ մանուկին մարդկային անբռնաբարելի իրաւունքին ճանաչումով աշխարհ եկած մանուկը ըստ արժանւոյն պատսպարել, խնամել, սննդաւորել, պաշտպանել եւ զարգացումը ապահովել՝ մինչեւ անոր ինքնապաշտպանութեան եւ ինքնափրկումի տարիքային հանգրուանը: Սեփական ն պատասխանատուութեամբ եւ միջոցներով կեանքն ու ճակատագիրը տնօրինելու կարողականութեան ձեռք բերումը:
Մարդու հանդէպ սէրը, կարեկցանքը, խղճմտութիւնն ու արդարութիւնը՝ այսինքն մարդկայնականութիւնը կը սկսի մարդուն ծնունդէն, մանուկին մօրը արգանդին մէջ իբր մարդ սաղմնաւորուելէն ետք եւ լոյս աշխարհ գալէն անմիջապէս յետոյ։ Մարդուն հանդէպ մարդկայնականութիւնը աւելի խորունկ տարողութեամբ եւ իմաստով կ՚արտայայտուի՝ իր ցաւն ու պահանջը ձեւակերպելու կարողութենէն զուրկ, իր իր իրաւունքը չկարենալ արժեցնելու վիճակին դատապարտուած, որեւէ վտանգի դէմ՝ ապահովման սեփական միջոցներէն զրկուած աշխարհի ամէնէն անպաշտպան էակին նկատմամբ ցուցաբերուելիք
Աստուածահաճոյ հովանաւորութիւն ընծայող վերաբերումով…:
Աշխարհի ամէնէն աւելի անպաշտպան էակին՝ մանուկին բարեխնամ եւ ճշմարիտ հովանաւորութիւնը իր մարդկային իրաւունքին բնական պահանջքը կը կազմէ, որուն դէմ մեղանչումը մեղանչում է Աստուծոյ եւ արարչագործութեան կոչումին հանդէպ մարդասիրութեան նկատմամբ…:
Քաղաքակրթութենէ, բարոյականութենէ եւ ընկերային ամէն կարգի ըմբռնումներէ զուրկ նախնադարեան հասարակութեան յատուկ բարքեր, գազանային եւ խենեշային բնազդներ, հոգեմտային յետամնացութեամբ յատկանշուող վարուելակերպեր եւ չարագործութեան [մանուկին թէ մարդուն հանդէպ հաւասարապէս) ոճրային եւ ֆիզիքական չհակակշռուած մղումներ՝ անըմբռնելիօրէն եւ անընդունելիօրէն ո՛չ միայն կը յարատեւեն, այլեւ՝ զարգացման նոր արտայայտութիւններով կը դրսեւորուին քաղաքակրթուած աշխարհի մէջ եւ յատկապէս Քրիստոնէութեան հաստատած բարձր բարոյականութենէն ետք։ Բարոյականութիւն մը, որ մարդկային ընկերութեան ընտանեկան, ընկերային, փոխյարաբերութիւններու, պետական կառոյցներու ճշմարիտ առաջնորդութեան շնորհած բարոյական կողմնորոշիչներէն անկախաբար, ընդհանրապէս կեանքի հարցերուն տուած նոր ու յեղաշրջիչ մեկնաբանութեամբ մարդուն համար կ՚ապահովէր երկրային լաւագոյն աշխարհի մը մէջ ապրելու հնարաւորութիւնը, ուրկէ ետք կը խոստանար երկնային կեանքի յաւիտենականութիւնը…:
Ինչ էր այս աշխարհի մէջ Քրիստոսի վերաբերումը մանուկներուն հանդէպ, որ անսահման սիրոյ մը մէջէն կ՚արտայայտուէր.
«Թոյլ տուէք եւ մի՛ արգիլէք, որ մանուկները ինծի գան, քանզի անոնց է երկինքի արքայութիւնը»։
Քրիստոնեայ աշխարհը այսօր մարդկային ընկերութիւնը ցնցող բարոյական հիւանդութեանց այլատեսակ համաճարակներուն դիմագրաւման հետ՝ մանուկներուն վերապահուած ճակատագրին եւ կացութեան հետ դէմ յանդիման կը գտնուի։
Քրիստոնավայել քաղաքականութեամբ պետական թէ ժողովրդական մակարդակներու վրայ կարելի չէ ձեռնածալ մնալով կրաւորական վերաբերում ցոյց տալ այն ողբերգական պայմաններուն եւ վիճակներուն առջեւ,– վայրագութիւն, սպանութիւն, սովահարութիւն, շահագործում, անգրագիտութիւն,– որ կը պարզէ մանուկներու աշխարհը՝ քաղաքակի՜րթ աշխարհի մը բարոյական նոր արժեչափերով…։
Եթէ խօսքի սահմաններէն դուրս գալով կեանքի եւ իրականութեան վերածուի, որքա՜ն իրաւացի է ֆրանսայի պետական դէմքերեն՝ Միշել Ռոքարի ընկերային մտածողութենէն ձեւակերպուած խօսքը. – «Եթէ մանուկ մը լայ կամ մեռնի, մարդկութիւնը իր արժանապատուութենէն բան մը անպատճառ կը կորսնցնէ»:
Մանուկի մը՝ տառապանքին մէջէն լացն ու ընկերային ողբերգական պայմաններու հետեւանք մահը մարդկային արժանապատուութեան համար վիրաւորանք նկատող խօսքը, երբ կ՚արտասանուէր ՄԱԿ-ի ամպիոնէն մանուկներու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած համաժողովին, 1990 Սեպտեմբեր 28-ին, ի ներկայութեան 71 երկիրներու նախագահներուն եւ վարչապետներուն՝ աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ օրական 40,000 մանուկներ կ՚անհետանային աշխարհէն՝ unվէ, պատերազմէ, սննդառութեան անբաւարարութենէն, վայրագ արարքներէ։
Մանուկներուն՝ աշխարհի մէջ իրենց ճշմարիտ իրաւական մանկական դիրքը գտնելու եւ տալու նպատակին ծառայող
ՄԱԿ–ի Միջազգային Համաժողովը համապարփակ սեւեռումով բանաձեւեց պատմական ուխտ մը, որուն հիմնական տրամադրութիւնները կարելի է խտացնել հետեւեալ կէտերուն մէջ։
Ճանչնալ մանուկներուն իրաւունքը. ապահովել անոնց սննդառութիւնն ու ուսումնառութիւնը. պաշտպանել զանոնք կամայական արարքներէ, սեռային, աշխատանքի շահագործումներէ. վերջ տալ մանուկներու վաճառքին եւ անոնց մարմնի օրկաններուն չարաշահման. պատսպարանք տալ փողոցը լքուած մանուկներուն. հոգ տանիլ առողջապահական պայմաններու բարելաւման. մինչեւ 2000 թուականը հինգ տարեկանէն վար երեխաներու մահուան համեմատութիւնը մէկ-երրորդով նուազեցնել չէզոքացնել մանկական անդամալուծութեան (փոլիոյի) եւ պրկախտի (թեթանոսի) հիւանդութիւնները. յատուկ խնամքի տակ պահել թշուառ դասակարգէն յղի կիներու յղութեան շրջանն ու ծննդաբերութեան գործողութիւնը։
Անո՛նք՝ աշխարհի վաղուան քաղաքացիները ըլլալու կոչուած ապագայ սերունդ որպէս՝ ունին կատարեալ իրաւունք ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլեւ բարոյապէս բնականօրէն ապրելու ընկերութեան մէջ։
Մանուկներու իրաւունքին նուիրուած ՄԱԿ–ի Համաժողովին որդեգրած ուխտին նշանակութիւնը վեր առնելով, «Փրկեցէ՛ք Մանուկները Համադաշնակցութիւն»ը հետեւեալ գնահատականը տուաւ. «Ուխտը կարեւոր է, որովհետեւ ան մէկ ամբողջութեան մէջ կը բանաձեւէ մանուկներու մասին գրաւոր տեսակէտներ եւ իրաւունքներ, որոնց հիման վրայ կարելի է կառավարութիւններ եւ ուրիշներ դատել։ Ա՛յս է, որ կը պակսէր մեզի»:
Մանուկներուն իրաւունքներուն վրայ բացուած լուսարձակ մը կը պարզէ այն քողարկուած իրականութիւնը, որ պետութիւն ընկերութիւն կառոյցները իրենց անտարբերութեամբ թոյլ կու տան աշխարհի մանուկներուն շարունակուող ողբերգութիւնը՝ հակառակ նոյնիսկ այն մանուկներու յատուկ մարդասիրական բարեսիրական կազմակերպութիւններուն՝ «Եունիսէֆ», «Փրկեցէք Մանուկները Համադաշնակցութիւն»՝ որոնք մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն մանուկներու պայմաններու բարելաւման եւ անոնց կեանքի փրկութեան ի խնդիր։ Մեծ պետութիւններու զինւորական վարկէն զեղջելով, աշխարհի վրայ որքա՜ն մանուկներու անօթութեան ճիչերը պիտի լռեն. որքա՜ն մանուկներ սովահար պիտի չմեռնին, որքա՜ն մանուկներ անուս ու տգէտ պիտի չմնան, որքա՜ն մանուկներ հիւանդութիւններէ փրկուելով պիտի չտառապին անբուժելի ցաւերու մաշեցնող մղձաւանջով. որքա՜ն մանուկներ պիտի դադրին՝ իբր լքեալ գոյքեր՝ դատարկապորտ փողոցայիններ ըլլալէ, որքա՜ն մանուկներ՝ իբր շահագործումի աարկայ՝ պիտի չբռնաբարուին եւ անմարդկային նպատակներու համար չօգտագործուին։
Աշխարհ եւ աշխարհի մեծ պետութիւնները եթէ մարդասիրաբար մանուկները դարձնեն իրենց քաղաքականութեան արժանի եւ պաշտպանութեան կարօտ էակներ, անոնց ծնելէն առաջ եւ ծնելէն ետք,— անոնք վերագտնելով իրենց համար սահմանուած մանկական անմեղ ու ուրախ աշխարհը՝ կը դադրին մանկութիւն չունենալէ։ Կ՚ապրին իրենց երազային ու հեքիաթային մանկութեան անվերադառնալի եւ անկրկնելի աշխարհը…:
Բայց, ի՞նչ է վերաբերումը, նախ՝ մանուկին ծնելէն առաջ։
Ինչքա՜ն բան պիտի փոխուէր մանուկին հանդէպ աշխարհի վերաբերումէն, եթէ հայ բանաստեղծին պէս զգային բոլո՜րը, բոլո՛ր իշխանութիւն ու հեղինակութիւն ունեցող տէրութիւնները.
«Ի՞նչ կ՚ուզենայի… ես կ՚ուզենայի,
Որ մարդիկ իրար լաւ հասկանային,
Որ ամէն ծնունդ
Համաշխարհային փառատօն դառնար,
Եւ ամէն մի մահ՝
Կորուստ հռչակուէր համաշխարհային»:
(Համօ Սահեան)
Մարդկային կեանքը կը սկսի մօր արգանդին մէջ։ Ու ինքնաբերաբար եւ բնական կերպով կեանքի պաշտպանութիւնը, մարդկային իրաւունքի շրջագիծէն ներս,– կը ստանձնուի մանուկին ծնունդէն առաջ, անոր կեանքի կոչուելովը (սերմին սաղմնաւորմամբ մօր արգանդին մէջ)։ Վիժումը, ի՜նչ–ի՜նչ պարագաներու դրդապատճառներով ալ գործադրուի,– մարդկային աճի մտահոգութեամբ ծնունդներու սահմանափակման թէ ապօրէն ծնունդներու անհետացման, – չի դադրիր համարուելէ կեանքի սպանութիւն, մարդու կողմէ մարդու դէմ ոճրային արարք:
Այս սկզբունքով է, որ Քրիստոնեայ Եկեղեցին հակառակ է վիժումին ու կը պայքարի ծնունդի կանխարգիլման բոլոր տեսակի գործադրուած միջոցներուն դէմ։ Եկեղեցին բաղխելով պետական իշխանութիւններու հեղինակութիւններուն չի յաջողիր իր կամքը պարտադրել վիժումը արգիլող օրէնսդրութեան մը ստեղծումով։
Կրօնական թէ մարդկայնական մօտեցումով մանուկը հաճոյքի առարկայ եւ միաժամանակ զոհ չի կրնար դառնալ։ Ան արարչագործութեան խորհուրդը կը կազմէ եւ մարդկային բնական աճումին սկզբնաղբիւրը։
Մայրը կամ ամուսնացեալ զոյգը, որ կ՚ուզէ ձերբազատուիլ իր կեանքը բեռնաւորող “բեռէ” մը, անմարդկային է իբր վարմունք եւ մեղանչում Աստուծոյ եւ մարդու սերնդագործման կոչումին առջեւ։ Եթէ կեանք առած է ան, պիտի ծնի անպայմա՛ն, եթէ իր ծնունդով նոյնիսկ թշուառութեան ճիչ մը եւս պիտի աւելնայ աշխարհի վրայ, կամ մարդկային աճի մտահոգութիւնը պիտի տագնապեցնէ ապագայագէտները…:
Աստուծոյ եւ բնութեան կամքին հակառակ կեցուածք է վիժումը եւ զայն արտօնող պետութիւնները, ի՜նչ–ի՜նչ մտահոգութիւններով ալ կ՚օրինականացնեն մարդկային հակաօրինական այս անընդունելի արարքը՝ կը գործեն մարդկային իրաւունքին ηէմ…:
Ահա թէ ինչու Կաթողիկէ քրիստոնեայ աշխարհի ներկայ Սրբազան Քահանայապետը՝ Ժան-Փօլ Բ. Ամերիկա տուած իր այցելութիւններուն՝ 1987, 1993՝ իր հեղինակութեան վայել լրջութեամբ եւ երկիւղածութեամբ բարձրացուց պետական իշխանութիւններու մօտ՝ մանուկներու բնական եւ աստուածային ծնունդը պաշտպանող սրբազան իրաւունքը։ Ան՝ իրաւամբ պահանջեց.
«Ապահովեցէ՛ք կեանքին իրաւունքը պաշտպանած ըլլալու համար մարդկային անձը»:
Սրբազան Քահանայապետը յատկապէս Ամերիկայի համար կրօնաբարոյական անկիւնէ բարձրացնելով այս հարցը մեկնակէտ ունէր այն իրականութիւնը ըստ որուն 1973-ին Ամերիկայի Դատական Գերագոյն Ատեանը կ՚որդեգրէր օրինագիծ մը, որ յղի կնոջ իրաւունք կու տար վիժում ունենալու կնոջ անհատական ինքնավարութեան մարզէն ներս։ Այն սկզբունքով նաեւ, որ մինչեւ երեք ամիս սաղմը կնոջ արգանդին մէջ, բջիջներու խումբ մըն է տակաւին եւ իբր անձ–մարդ կազմաւորուած չէ։ Այս օրինագիծով թէ բարոյական սայթաքումներու տարածուած հանգամանքով Ամերիկեան ընկերութեան մէջ սանձարձակօրէն կ՚ընդհանրանայ վիժումի տխուր եւ ցաւալի երեւոյթը՝ հակառակ անոր հակադրուող “կեանքի իրաւունք”ի շարժումներուն։
Այս առնչութեամբ կը մէջբերենք Հայր Ռափայէլ Վրդ. Մինասեանի «Մի՛ Սպաններ» խորագիրը կրող մարդկայնական եւ կրօնական շունչով գրուած շահեկան յօդուածէն հատուած մը՝ լոյս տեսած «Նոր Հայաստան» թերթին մէջ, Լոս Անճելոս եւ արտատպուած Կաթողիկէ Հայոց պաշտօնաթերթ «Մասիս»ի 1992 տարուան, Օգոստոս – Սեպտեմբեր միացեալ թիւին մէջ.
«Վիժո՛ւմ…, հեշտիմաց բառ, դատարկուած ամէն պատասխանատուութենէ։ Վիժում՝ այսօրուան մտայնութեամբ կը նշանակէ վիրաբուժական ռութի՛ն գործողութիւն, ձերբազատում անբնական վիճակէն, որն է յղութիւնը։ Եւ ասոնց նման ուրիշ սնամէջ մեկնաբանութիւններ պիտի լսէք։ Սակայն, ի հեճուկս բոլոր արդարացումներուն, վիժումը կը մնայ այն ինչ որ է. բարբարո՛ս մարդասպանական արարք:
1991–ին, միայն Ամերիկայի մէջ, վիժումները հի՜նգ միլիոն զոհեր խլած են։ Հի՛նգ միլիո՜ն, այսինքն հրեաներու ցեղասպանութեան չափ զոհեր։ Հայերուս 1915–ի ցեղասպանութեան երկու անգամէն աւելին։
Վիժումը, մարդկային ցեղին դէմ մարդու ձեռքով ծրագրուած ու գործադրուած բնաջնջում մըն է, որուն անմեղ զոհերը չարժանացան ո՛չ տարեկան սգատօնի, ո՛չ հրապարակներու վրայ կանգնուած յուշարձաններու, ո՛չ ալ Միացեազ Ազգերու մօտ պաշտպան դեսպանի։
Բարոյակա՞նը այս նիւթին.– Մի՛ սպաններ»:
Նոյն յօդուածին մէջ Ռափայէլ Վրդ. Մինասեան կը բերէ վկայութիւնը 10 շաբթուան սաղմի մը վրայ վիժումի գործողութիւնը կատարած ամերիկացի բժիշկի մը՝ Sofթ Պեռնարդ Նաթանսըն. «Երբ բժշկական մասնայատուկ գործիքներով մօտեցայ այդ թաղանթին, զոր միսի կտոր կը կարծեն, յանկարծ անիկա դողաց, ապա կծկուեցաւ, պաղ մետաղի առաջին հպումին իսկ՝ ինքնապաշտպանութեան փորձ մը կատարեց։ Ես ասիկա պահ մը վերագրեցի մօրը հոգեֆիզիքական վիճակին։ Սակայն երբ կնոջ նայեցայ ու տեսայ անոր անայլայլ հանդարտութիւնը, մտքիս մէջ արթնցաւ բժշկական կոչումիս յատուկ հետաքրքրութիւն մը։ Ու աւելի զգուշաւոր մօտեցումով, երկրորդ փորձ մը կատարեցի։
Բայց մսակոյտին մէջ բնակող կենսաբջիջը, յանկա՛րծ փախչելով դէպի վեր ինքն իր վրայ կծկուեցաւ, յուսալով ազատիլ իրեն մահ սպառնացող այդ օտար թշնամիէն։ Աչքերովս տեսայ փոքրիկին գլուխը, ցաւէն եւ չարչարանքէն բացուած անոր բերանը։ Անծին մանուկը իր անառիկ կարծած ամրոցին մէջ, կը շարունակէր դառնալ ու դառնալ, անողոք մահէն ազատելու յոյսով։ Բայց այդ անմեղը չէր գիտեր եւ պիտի չհաւատար, որ անպաշտպան զաւակին դաւաճա՜նը՝ իր իսկ մա՛յրն էր: Վերջապէս մարդասպանութեան վերջին արարին հասած, փնտռեցինք մանկիկին գլուխը, որ ճզմուելով դուրս հոսեցաւ մկրատին անցուած խողովակէն։ Տեսայ, շօշափեցի եւ ձեռքերովս սպաննեցի՜»:
Ճիշդ է թէ մարդկային քանակին աճը կը մտահոգէ մարդկութիւնը։ Բայց այդ աճը վիժումի արարքով անբնական կերպով կասեցնելու փոխարէն, որ մարդկային իրաւունքի բռնաբարումն է, պէտք է աշխարհի տնտեսական օգտագործուած եւ չօգտագործուած կարելիութիւնները ի սպաս դրուին աշխարհ եկող մանուկին բարօրութեան, անոր բնական զարգացումին,– հոգեկան, մտային եւ ֆիզիքական, ապահովման։
Աշխարհի թերաճ թէ զարգացած երկիրներուն մէջ «Սահմանափակել Զաւակներու Թիւը» կարգախօսը կ՚ընդհանրանայ պետական մտածողութեան եւ քաղաքականութեան մէջ։ Տնտեսական տագնապին դէմ պայքարի միջոց կը ծառայէ նաեւ քիչ զաւակներ բերելով “զաւկի խնայողութիւնը”։ Կոչ կ՚ուղղուի ժողովուրդին, որպէսզի սահման դնեն իրենց զաւակներու քանակին, անով նպաստելու համար տնտեսական տագնապի հարթումին։ Այդպիսի երկիրներէն է Եգիպտոսը, որուն բնակչութիւնը եօթը ամիս անգամ մը մէկ միլիոն աւելնալով հասած է 54 միլիոնի։
Տարուէ-տարի արտաքին պարտքերը նուազելու փոխարէն կ՚աճին եւ անցած են 40 միլիառ տոլարի սահմանը։
Բայց արդեօ՞ք Եգիպտոս եւ իր նման ուրիշ երկիրներ սննդանիւթի եւ այլ կարգի տնտեսական տագնապներէ զերծ պիտի մնային, «Եթէ ընտանիքներ 8-9-12 զաւակներ չունենային» ինչպէս յայտարարութեան մը մէջ ընդգծած էր Եգիպտոսի նախագահ՝ Մուպարաք։
Մարդկութիւնը պիտի ձգտի այնպիսի ընկերութեան մը, որ ո՛չ թէ զաւակներու թիւը սահմանափակելու ուղղութեամբ քայլեր պիտի առնէ, այլ բազմազաւակութիւնը քաջալերող եւ անոնց կեցութիւնը ապահովող ընկերային պայմաններ ստեղծելու հնարաւորութեամբ գործէ։
Արեւմուտքի մէջ, մասնաւորաբար Ամերիկայի մէջ պետական շրջանակներու լուռ մեղսակցութեամբ թմրեցուցիչի, “քրէք”ներու եւ այլ վնասակար մոլութիւններու (ալքոլ, ծխախոտ) գործածութիւնը կին–մայրերու կողմէ, ատենէ մը ասդին մեծ աւերներ կը գործէ մանուկներու աշխարհէն ներս, անոնց աշխարհ գալէն առաջ…: Մանուկներ զոհերը կը դառնան իրենց հաշիշամոլ մայրերու հաճոյապաշտ քմայքներուն։ Ըստ այս ուղղութեամբ կատարուած ուսումնասիրական տեղեկագրութիւններու, թմրեցուցիչի զոհ նորածիններու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ եւ անոնցմէ շատեր թունաւորուելով իրենց ամբողջ ողջ մնացած տարիները հիւանդանոցներու մէջ կը տառապին, կամ՝ “փայտեայ տուփերու” մէջ տեղաւորուելով կը նետուին հասարակաց փոսի մը մէջ։ Կը թաղուին առանց իրենց մօր ներկայութեան…: Մայրութեան սուրբ խորհուրդը եղծանուելով մայրանալու զգացումը ոչ միայն կ՚աղարտի, այլեւ՝ կը չքանայ ամբողջութեամբ: Լոյս աշխարհ գալիք անմեղ մանուկներ իրենց մօր արգանդին մէջ տառապելէ ետք, ապրելու իրաւունքէն ալ կը զրկուին՝ մայրական կոչումին անվայել անխղճութեամբ, քաղաքակրթութեան ախոյեան երկիրներու մարդասիրական “բարձր” ու “մեծ” սկզբունքներու ժողովուրդներ թմրեցնող խաբուսիկ լոզունգներու ողողումին մէջ…:
Այո՛, այսօր աշխարհի մէջ մանուկներ կան, որոնք մարդ ծնելու իրաւունքէն զրկուելէ ետք, ծաղիկով եւ եկեղեցական ծէսով թաղուելու բաղդին ալ չեն արժանանար…:
Աշխարհի բոլոր երկրամասերու վրայ անհայր մանուկներու դասակարգ մը յառաջացած է: Ու այդ՝ ծնունդ տուած եւ դուռ բացած է այլատեսակ ողբերգութիւններու։ Ողբերգութեան առաջին արարը կը սկսի անո՛վ, որ մանուկը անհայր ծնելէ ետք, կը թողլքուի նաեւ մօր կողմէ…: Ու ի՜նչ հեգնանք քաղաքակիրթ ընկերութեան մը համար, որ մանուկը հայր, մայր չճանչցած՝ կ՚որդեգրուի ուրիշներէ, կը վաճառուի ուրիշներու անծանօթ եւ մեղաւոր նպատակներուն համար…: Մանուկը իբր առեւտուրի ապրանք կը գործածուի անմարդկային չարաշահութեամբ։ Այս ուղղութեամբ ստեղծուած է “Մանուկներու Առեւտուրի” միջազգային ցանց մը, որ մանուկը որդեգրելէ կամ գնելէ ետք (նոյնիսկ ծնելէ առաջ) չարաչար կ՚օգտագործուի ան պոռնկագրական ֆիլմերու պատրաստութեան իբր միջոց, սեռային յարաբերութիւններու խենեշային գոհացումներու զոհ, օրկաններու օգտագործման ծառայող մարմին, ծանր աշխատանքի համար շահագործուող գերի։
Այն ընկերութիւնը, որ քաղաքակրթութեան զարգացման իբր արտայայտութիւն, դպրոցներու մանկավարժութեան համար որպէս մեթոտ կ՚արգիլէ ծեծն ու այլ ֆիզիքական պատիժները, այսօր իր լուռ մեղսակցութեամբ կ՚արտօնէ մանուկներու տեսակաւոր շահագործումները…:
Ծնած կամ չծնած մանուկներու մագսանենգները իրենց զոհերը կ՚երթան փնտռելու յետամնաց եւ լքուած գիւղերու անկիւններէն, թշուառութեան մատնուած ընտանիքներու մօտէն, քաղաքներու աղքատ թաղամասերէն, գաղթակայաններէն, ուր մանուկներ ողորմելի պայմաններու մատնուած կ՚ըլլան՝ տարրական սնունդէ զրկուած մնալով։ Այս պարագաներու մանուկներուն կը միանան նաեւ այն չամուսնացած, բայց յղացած երիտասարդուհիներ, որոնք ամչնալով իրենց յղութենէն, անյայտ վայրերու մէջ ծնելէ ետք իրենց զաւակները, կը ծախեն զանոնք…:
Մանուկներու վաճառքի առեւտրական այս “սեւ” եւ անմարդկային շուկային դէմ բողոքի եւ ընդվզումի ելոյթներ սկսած են կատարուիլ, բայց “մանուկներու մագսանենգներուն” առեւտուրը անխափանօրէն կը շարունակուի։ Ըստ Փարակուէյցի դատաւորի մը՝ Անճէլ Քամփոս. «Պրազիլիացի աղքատ եւ յղի կիներ նիւթական վարձատրութիւններ ստացած են երեխաներու մագսանենգներուն կողմէ՝ իրենց զաւակները Փարակուէյի մէջ ծնելու համար: Նորածինները ապա փոխադրուած են ամերիկեան ապօրինի հիւանդանոցներ, ուր սպաննուած են՝ անոնց մարմիններուն գործարանները առնելու յետագային հարուստ ընտանիքներու հիւանդ զաւակներուն առասպելական շահաբեր գումարներով վաճառելու համար»:
Այս սահմռկեցուցիչ երեւոյթին ի տես, ի՞նչ է սպանդանոց ղրկուող եւ մորթուող անասուններուն եւ մարդկային ցեղին պատկանող մանուկներուն սպանդին ճակատագրի տարբերութիւնը:
Ըստ «Հակաստրկութիւն Ընկերութեան» մը պատրաստած տեղեկագրին, այսօր աշխարհի մէջ երկու միլիոն մանուկներ գերութեան դժոխքին մէջ կ՚ապրին՝ ենթակայ բիրտ ու վայրագ վերաբերումներու, խոշտանգումներու, տաժանակիր աշխահանքներու։ Աշխատանքի տեւողութիւնը կրնայ 20 ժամի հասնիլ՝ չնչին վարձատրութեան մը փոխարեն…: Մանուկներու ստրկութեան այս դրութիւնը, որ նախապէս յատուկ կը համարուէր Երրորդ Աշխարհին, սկսած է ընդհանրանալ նաեւ քաղաքակիրթ եւ բարձր զարգացման հասած Արեւմուտքի մէջ եւս։ Հոն տիրող բարքերը եւ գործադրուող հակա–մանուկ կերպերը ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունին յետամնաց Երրորդ Աշխարհի վերաբերումներէն։ Արեւմուտքի մէջ գերուած մանուկները եւս բացի ֆիզիքական չարչարանքներու ենթարկումէն՝ Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոնտոնի մէջ անոնք կ՚առաջնորդուին պոռնկութեան, թմրեցուցիչներու վաճառքի ցանցերուն մէջ կը ներգրաւուին եւ փորնոկրաֆիք ժապաւէններու պատրաստութեան համար կ՚օգտագործուին, իսկ ուրիշներ՝ ոճիրներ գործելու կը ծառայեցուին։
Յատկապէս պոռնկութեան “Ասպարէզ “ին մէջ նետուածները մէյ մը վարակուելով անոր ախտէն եւ նիւթական շահի խայծէն, ա՛լ անկէ դուրս գալ չեն ցանկար։ Ըստ Միացեալ Ազգերու Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի մէկ տեղեկագիրին, ըստ որուն Հարաւային Ամերիկայի մէջ պոռնկութեան համար սահմանուած տարիքը կրնայ նկատուիլ 10–15-ի միջեւ։ Իր եզրակացութեան մէջ տեղեկագիրը կը յայտնէ. «Համաձայն իր կազմին եւ մատուցած ծառայութիւններուն, 12–ամեայ աղջիկ մը կրնայ մինչեւ 500 ամերիկեան տոլար շահիլ ամիսը, որ տասը անգամ աւելի է չափահասի՝ որ ամբողջ օրը կ՚աշխատի գործարանի մէջ։ Անգամ մը, որ 12 կամ 13 տարեկան աղջիկը այդքան գումար շահի, ալ անկարելի է որ ձգէ պոռնկութիւնը»:
Ամէնէն վայրագը մանուկներու հանդէպ անխղճութեան, ըստ ընկերային եւ մարդկային իրաւանց հարցերու տեսաբաններուն, է ու կը մնայ վաճառուած կամ գնուած մանուկներու սպանութեամբ անոնց օրկաններուն օգտագործումը՝ ուրիշներու (առանձնաշնորհեալ դասակարգ) փճացած եւ անգործածելի դարձած մարմնի զանազան մասերուն համար։ Երեւոյթը իր ահաւորութեամբ եւ գազանութեամբ ցնցած ըլլալով հանդերձ աշխարհն ու աշխարհի մտաւորական եւ ընկերային շրջանակները, կը շարունակուին մարդասիրութեան “ապաստան” համարուող հիւան դանոցներուն մէջ՝ “մարդասէր” բժիշկներու ձեռամբ, որովհետեւ պետութիւններ կտրուկ եւ վճռական միջոցառումներ ձեռք չեն առներ…:
Քանի մը ցայտուն օրինակներ՝ վիճակագրական տուեալներէ քաղուած՝ կը հաստատեն թէ “մանուկներու առեւտուրին” շշմեցնող եւ փշաքաղող պատկերը ի՞նչ է այսօր աշխարհի մէջ։ Մեքսիքայի Սան Լուիս Փոթոսի նահանգէն, նահանգային կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Լիպրատօ Րիքավար Րիպերա կը վկայէ. «Մարմնային օրկաններու առեւտուրին շուրջ բացուած քննութեան մը համաձայն Ալթիփիլանոյի շրջանին եւ Սան Լուիսի արուարձաններուն մէջ մանուկներ կ՚անհետանան եւ թէ քանի մը շաբաթ յետոյ ետ կը յանձնուին իրենց ընտանիքներուն մէկական երիկամ կտրուած։ Մանուկները կը տարուին դարմանատուներ՝ ամերիկեան սահմանին վրայ։ Իսկ ընտանիքներու լռութի՞ւնը. կը գնեն քանի մը հազար տոլարով»։
Կուաթեմալայի ոստիկանութեան տեղեկատուութեան գրասենեակին պետը՝ Պօտիլիօ Հիքոս Լոփէզ տեղեկագրած է. «Որդեգրուելու պատրուակով Միացեալ Նահանգներ ղրկուած մանուկները կը գործածուին իբրեւ օրկանի հայթայթիչներ։ Այս նոյն երկրին մէջ խնդիրը նոր ոստում կ՚ունենայ: Դատական ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ մանուկներու երկու առեւտրականներ՝ Միքալ եւ Լուիս Րոթման՝ Իսրայէլի քաղաքացիներ։ Ձերբակալուածները խոստովանեցան որ մանուկներ կ՚արտածէին դէպի Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ։ Այդ մանուկները կը ծախւէին 75,000 տոլարով, ընտանիքներու, որոնք պատուաստի պէտք ունէին իրենց զաւակներուն համար»:
Շշմեցնող եւ փշաքաղող այս պատկերին դէմ ամէնէն ազդու ձայն բարձրացնողներէն եղաւ ֆրանսական մամուլի կարեւոր օրկաններէն «Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»ը՝ Մաիթէ Փիների գրիչով.
«Փերուի մէջ, 30 ամսուան ընթացքին, ամերիկացի փաստաբան
Փաթրիք Կակել, 3000 մանուկներ ղրկած է Միացեալ Նահանգներ եւ Իտալիա. Կակել ձերբակալուեցաւ։ Ի՞նչ եղան այդ մանուկները։ Ինչո՞ւ Փաթրիք Կակել ազատ արձակուեցաւ անմիջապէս, ճիշդ այնպէս ինչպէս պատահած է իրմէ առաջ, բոլոր չարաշահ առեւտրականներուն իւրաքանչիւր երկրին մէջ։ Պիտի գտնուի՞ կառավարութիւն մը, որ կոչ ուղղէ Ինթերփոլին, քանի որ այլապէս կարելի չէ վարել իրական միջազգային քննութիւն։
Հա՞րկ է սպասել աւելի ցնցիչ յայտնութիւններու, որպէսզի համոզուինք ընդունելու ահռելի իրականութիւնը»:
Բայց “ահռելի այդ իրականութիւնը” ուրիշ երեսներ ալ ունի, որ կը խարանէ մարդկային արժանապատուութիւնը։ Հրաւէր կու տայ խղճի արթնութեան։
Սովահար մանուկներ կմախք դարձած հիւծումով կը մահանան։ Թշուառութեան զոհ մանուկներ, զրկուելով ընտանեկան հոգածութեան անհրաժեշտ բարիքներէն,– հանապազօրեայ հաց, ծնողական գորով ու գուրգուրանք, դաստիարակութիւն եւ գրաճանաչութիւն,– կը լքուին իրենց ծնողներէն, քարշ կու տան անոնք իրենց գոյութիւնը աշխարհի անպատսպար մայթերուն կամ փողոցներուն մէջ, կ՚առաջնորդուին կանխահասօրէն աշխատանքի՝ ենթարկուելով ստրկական կեղեքումի եւ շահագործումի։
Սահմռկեցուցիչ չէ ի՛նչ է, Աստուծոյ կողմէ մարդուն համար շռայլուած բարիքներուն ճոխ սեղանէն՝ չկարենալով օգտուիլ օրական հազար մանուկներ Սոմալիի մէջ մահանան սովահար։
Աստուած չէ, որ մոռցած է այս երկիրը, ինչպէս պետական դէմք մը կը յայտարարէր անզգամօրէն, այլ՝ միջազգային ընտանիքը ի՛ր անտարբերութամբ։ Աստուած ի՛նչ ընէ, երբ բոլորին համար ստեղծած եւ սահմանած բարիքները կը շահագործուին անիրաւօրէն: Սոմալիէն հասած տեղեկագիրները կ՚ըսեն.
«Նորածին աղջնակ մը անօթութենէ մահացաւ հիւանդանոցի մը մէջ։ Կարճ ժամանակ ապրած երեխային մայրը մահացած էր գիշեր մը առաջ։ Ճամբաներու երկայնքին մահամերձ մարդիկ կը գտնուին։ Լսելով, որ տեղ մը ուտելիք կայ, շատեր մինչեւ հոն կու գան քալելով կամ օրեր շարունակ սողալով։ Եւ յանկարծ, ուժաթափ, չեն կրնար շարունակել եւ ծառի մը տակ անկիւնադարձի մը վրայ կծկուած՝ մահուան կը սպասեն։ Պզտիկները այնքան անօթի են, որ իրենց հագուստները կ՚ուտեն, նաեւ ուղտի եւ այծի մորթը լաւ մը թրջելէ ետք՝ կը ծամեն…։ Անօթի պզտիկներ եւ իրենց ծնողները բազմաթիւ շարքեր կազմած, համբերատար կարգի կը սպասեն սննդանիւթ բաշխող նորահաստատ կեդրոններու առջեւ։
Շատեր հիւանդացած են եւ իրենց հազին նուաղուն ձայնը կ՚արձագանգէ պատսպարաններու չորս կողմէն։ Առանց համապատասխան դեղօրայքի կարելի չէ պայքարիլ մալարիայի, փորհարութեան, ցնցղատապի (պրոնշիթ) թոքախտի եւ հարսանիթի դէմ։ Սոմալիի մանուկները այս բոլոր հիւանդութիւններէն կը տառապին»:
Երկու աշխարհ, երկու մարդկութիւն։ Մէկ աշխարհը միւսին տառապանքին եթէ հաղորդ մնայ անկարելի չէ, որ մարդկութեան միւս կէսը մարդավայել կեանքի պայմաններով օժտուի, անօթութենէ եւ սովէ չմեռնի, հիւանդութիւններէ հիւծելով չմահանայ…։
Բայց կ՚ըսեն, թէ մարդկութեան առաջին կէսը “մարդկութենէն դուրս ելած է”, հեռացած է Աստուծոյ մարդ մարդասիրութենէն, ընկերային եւ բարոյական ըմբռնումներէն, այլապէս ինչո՞ւ Եունիսեֆի տեղեկագրին համաձայն «Այսօր 20-րդ դարու վախճանման սեմին, աշխարհի մէջ օրական 40 հազար երեխայ մեռնի սովորական հիւանդութիւններէ»:
Մտածողներ ըլլան գուցէ, որ մեռնիլն ու մահանալը տակաւին, մանուկին համար փրկութիւն է, երբ անպատմելի զրկանքներու ճիրաններուն մէջ ճզմուելով “կենդանի մահացում”ով ապրող մանուկները, աշխարհի վրայ իրենց քաշկռտուող գոյութեամբ աւելի դժբախտ են ճակատագրով…։
Ի՜նչ նշանակութիւն ունի ապրիլը մանուկին համար, երբ ամէն օր պիտի տառապի անօթութենէ: Ըստ վիճակագրական տուեալներու, այսօր, աշխարհի մէջ երկու հարիւր միլիոն մանուկներ (հինգ տարեկանէն վար) անօթութենէ կը տառապին։
Հակառակ աշխարհին եւ մարդկութեան ձեռք ձգած նուաճումներուն, ըստ Եունեսfo-ի ընդհանուր տնօրէն Ֆետերիքօ
Մէյըրի՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին «աւելի քան հարիւր միլիոն մանուկներ դպրոցական ուսում չեն ստանար»։ Իսկ՝ Երրորդ Աշխարհի մէջ, նկատի ունենալով ամէնէն աւելի աղքա երկիրները. «անգրագիտութեան համեմատութիւնը անցած է 50 առ հարիւրը»։
Դպրոցական տարիքի մէջ գտնուող միլիոնաւոր մանուկներ “Փողոցային Տղաք” դարձած՝ յաճախ` անպատսպար եւ լքուած աշխարհի փողոցներու մէջ՝ իրենց ճակատագրին հետ, ձեռնածալ ու անտարբեր իշխանութիւններու (եկեղեցական – պետական) խիղճերուն դռները կը բաղխեն՝ ի խնդիր պատառ մը հանապազօրեայ հացի, լոյսի գրաւոր իմացումին, փշուր մը ապրելու եւ տեւելու յոյսի պլպլացումին…:
Ի՜նչ անարգանք եւ խարան է աշխարհը քաղաքակրթութեան լոյսերով ողողող յառաջդիմութեան համար, երբ զարգացած կամ թերաճ երկիրներու անտեսուած անկիւններուն մէջ ծխախոտի կամ այլ տուփեր շալկած ծախող մանուկներ կամ մուրացող մանուկներ կը գտնուին…: Զբօսաշրջիկներ յատկապէս կը վկայեն, որ իրենց ճամբորդական տպաւորութիւններուն մէջ արձանագրուած ամէնէն տխուր էջերը կը կազմեն մուրացող այն մանուկները, որոնք ափ կը բանան իրենց՝ փոքր ու ջնջին գումարներու համար…։ Խոստովանած են նաեւ, որ այդ “փոքր” ու “ջնջին” գումարներն անգամ իրենց կողմէ զլացուած են…։
Աշխարհի մէջ ուրիշ աշխարհ մըն է կանխահասօրէն իրենց ընտանիքներուն թշուառութեան հետեւանքով թէ բոլորովին երեսի վրայ լքուած մանուկներու աշխատանքի մտնելով (յաճախ իրենց տարիքին անյարմար աշխատանքներ] վատթարագոյն պայմաններով շահագործումը։ Մանուկներու իրաւանց ուսումնասիրութեան տախտակները սրտի ճմլումով արձանագրած են, թէ աշխատանքի շահագործման մէջ տառապող մանուկները ո՛չ միայն նիւթական աննշան վարձատրութեամբ կը կեղեքուին, այլեւ` կ՚ենթարկուին ֆիզիքական պատիժներու՝ բրածեծի օրինակ՝ ամէնէն փոքր թերացումներու համար…: Ինչքա՜ն լոյսի ծարաւ մանուկներ իրենց աչքերուն լոյսերը եւ մաքուր օդ շնչելու սահմանուած թոքերը կը փճացնեն քիմիական զանազան կազերու ծուխերով ապականուած եւ թունաւորուած գործարաններու մթին խորշերուն դժնետեսիլ մեքենաներու ետին…։
Մանուկներուն վերապահուած այս դաժան եւ անագորոյն պայմաններուն անմարդկայնութեան դէմ, Ժընեւի մէջ գործող «Աշխատանքի Միջազգային Գրասենեակի» 1992-ին հրապարակուած տեղեկագիրին մէջ, մանուկներու անժամանակ աշխատանքի շահագործման առընչութեամբ նշուած է. «Միջազգային թատերաբեմին վրայ յայտնուած ամէնէն մտահոգիչ երեւոյթներէն մէկն է մանուկներուն շահագործումը, որ օր ըստ օրէ աւելի կը շեշտուի, որովհետեւ շատ քիչ թիւով երկիրներ կը ծրագրեն այս երեւոյթին առաջքը առնել»:
Շատ քիչ թիւով երկիրներու ծրագրումի պակասին հետեւանքով այսօր կը շարունակուին ըստ «Աշխատանքի Միջազգային Գրասենեակի» տուեալներուն․ «Հնդկաստանի Ոսկիի Հանքերուն մէջ բազմամիլիոն մանուկներու շահագործումը, կօշիկի փոքրիկ ներկարարներու գոյութիւնը, հողագործութեան մարզէն ներս չարաչար աշխատանքը, պոռնկութեան արհեստի կիրարկումը միասեռականութեան խենեշութեամբ։ Ափրիկէի մէջ, իւրաքանչիւր հինգ մանուկներէն մէկը կ՚աշխատի։ Լատին Ամերիկեան որոշ երկիրներէն ներս, այդ համեմատութիւնը չորսի վրայ մէկ է։ Նիկերիոյ մէջ կը գործեն 12 միլիոն մանուկներ, իսկ Պրազիլի մէջ` 7 միլիոն։ Փերուի մէջ, 1991 թուականին յայտնաբերուած են 71 գաղտնի գերեզմաններ, ուր թաղուած են տասնեակներով մանուկներ, որոնք շահագործուած էին ոսկիի հանքերուն մէջ»։
Իրենց մանկութիւնը չապրող աշխարհի մանուկներու դժբախտութեան կը միանայ գերեզման չունեցող անյայտ մանուկներու ողբերգութիւնը…:
Մանկասպանութիւնն ու պատերազմը քիչ մանուկներ չեն խլած ու չեն խլեր աշխարհէն…։
Մարդկային քաղաքակրթութեան 20-րդ դարու լուսաւոր էջերը անամօթաբար արձանագրած են՝ մանուկներու հաւաքական սպանդի ոճիրներ, զաւկի “բեռէն” ձերբազատուելու անխղճութեամբ զաւակ սպաննողներու ողբերգութիւններ եւ մանաւա՛նդ պատերազմի զոհեր։
Մանկասպանութեան օրինակը կու գայ Ռիոյէն, ուր կայացաւ 1992-ի Յունիսին, կենսոլորտի պահպանման Միջազգային Համաժողովը։ Այդ առիթով` մամուլը լուսարձակի տակ առնելով պարզեց այսպիսի պատկերներ. «Ռիոյի բնապահպանման միջազգային համաժողովին մասնակցող ղեկավարներուն շքեղ ինքնաշարժները ու անոնց ընկերակցող պաշտօնական թափօրները, շնորհիւ նորաբաց կառոյցի մը, չանցան թշուառ մարդոց բնակավայր այն թաղէն, ուր ՄԱԿ–ի տեղեկագիրներուն համաձայն ոճիրներու համեմատութիւնը աշխարհի բարձրագոյններէն մէկը կը ներկայացնէ։ Մանուկներու սպանութիւնը սարսռազդեցիկ է։ Քաղաքը անտէր, թափառական ու հետեւաբար յանցագործ մանուկներու սպանութեան բաց գօտի մըն է, տարեսկիզբէն ի վեր աւելի քան 200 երեխայ սպաննուած է։ Վերջին օրերու հանդարտութիւնն ալ զինադադարի մը արդիւնք չէ, այլ կը ծագի այն պարագայէն, որ մանկասպանները զբաղած են հիւր ղեկավարներու պահպանութեան գործով։ Անյայտանալ, աղբանոցի մը կամ գերեզմանոցի մը մէջ սպաննուիլ՝ չարչարուելէ, անճանաչելի դառնալէ ետք, ահա թէ ինչ որ կը սպասէ պրազիլիացի եօթը միլիոն մանկահասակներու, որոնք կ՚ապրին բաց երկինքի տակ»:
Մանկասպանութեան այս ահռելի ոճիրները ի գործ կը դրուին պետութեան մեղսակցութեամբ, անոր ապահովութեան ուժերու վայրագ գործադրութեամբ կամ անոնց “անտարբեր հովանիին տակ…։
Ոչինչ խնայող պատերազմները չեն խնայեր նաեւ աշխարհի մանուկ քաղաքացիները…։ Վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին, համաշխարհային Բ. պատերազմէն մինչեւ ներկայ օրերը աշխարհի տարբեր ծայրամասերու վրայ բռնկած ու շարունակուող պատերազմներուն՝ Քորիա, Վիեթնամ, Լիբանան, Պաղեստինեան Գրաւեալ Հողեր, Արաբական Ծոց, Լեռնային Ղարաբաղ, Եուկոսլաւիա՝ անմեղ մանուկներ կեր կը դառնան կրակի, ռումբի, վառօթի չաստուծոյն։
Պատերազմի անխնայ կրակը թափելով երկրի վրայ աշխարհին ու ապագային բացուող սերունդներ ամբողջ չէզոքացնելէ բացի, վախի եւ հոգեբանական այլ բեկումներու հետեւանքով միջազգային ընտանիքը պատերազմներէն կը ժառանգէ հոգեմտային անհաւասարակշռութենէ տառապող անբուժելի “հիւանդ” երիտասարդութիւն մը։
Հակառակ «մանուկները մի՛ սպաննէք» լոզունգին մանուկները կը սպաննուին…։ Այսպէս՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին սպաննուած են 40 հազար մանուկներ։
Պաղեստինեան “Ինթիֆատա”ի մանուկները իրենց քարերով կռիւներու ընթացքին՝ ընդդէմ Իսրայէլի զինուորներու հրազէնրուն՝ հարիւրաւոր նահատակներ տուին։ Այս մասին երկու վկայութիւններ պերճախօս են։
Առաջինը՝ իսրայէլեան իրաւունքներու պաշտպան «Պթսելէմ» կազմակերպութենէն է, որ վարչապետին ուղղուած նամակին մէջ կը նշէ. «Իսրայէլացի զինուորներու կողմէ սպաննուած պաղեստինցի մանուկներուն թիւը կը բարձրանայ մտահոգիչ կերպով։ Ի՞նչ է մեղքը այն մէկ տարեկան երեխային՝ Ֆարէս Քատուր, որ Կազայի մէջ հօրը հետ ապաստանած էր խանութ մը՝ բախումներէն հեռու մնալու համար։ Արձակուած փամփուշտ մը պատռելով Ֆարէսի կուրծքը սպաննեց զայն։ Կոչ կ՚ուղղենք կառավարութեան, որպէսզի ոստիկաններն ու զինուորները դադրեցնեն մանուկներուն սպանութիւնը»։
Երկրորդը՝ «Ռէօթըր»ի թղթակից Ռապըրթ Մահոնէն է, որ կու տայ ականատեսի վկայութիւնը. «Զինուորական բռնատիրութեան պայմանները քարկոծումի կեանքը առօրեայ երեւոյթի վերածած են։ Քարերը կը հասնին մինչեւ Իսրայէլի երկաթեայ փշաթելերով ու աւազատոպրակներով պաշտպանուած զինուորական կեդրոնները։ Շիրին Հիւսէյն չնկատեց իր ետեւ կանգնած իսրայէլացի զինուորները, երբ դպրոց կ՚երթար։ Ան կ՚ուղղուէր դէպի այն տղաքը, որոնք դրացի դպրոցէն քարեր կը նետէին։ Սակայն, տասնամեայ պատանին բնաւ չհասաւ իր դասարանը. փամփուշտ մը՝ իր կռնակէն զայն զգետնեց։ Ես Շիրինին հետ կը յառաջանայի եւ կը դիտէի դիմացի աշտարակի արձակազէնին ուղութեամբ, կ՚ըսէ 9-ամեայ Պասմա Ապու Ժասէր։ Դիմացի դպրոցէն քանի մը աշակերտներ քար կը նետէին։ Յանկարծ Շիրին սկսաւ կռնակը շփել եւ ըսել՝ “հայրի՛կ, հայրի՛կ, կռնակս” եւ… գետին ինկաւ: Ես շատ վախցայ եւ տուն վազեցի»:
Իսրայէլի երկաթեայ փշաթելերուն եւ աւազատոպրակներուն չհասնող “ինթիֆատա”ի պաղեստինցիներու մանուկներուն կողմէ արձակուած անզօր քարերը, խորքին մէջ, միջազգային ընտանիքին խիղճը քարկոծող բողոքի եւ ընդվզումի կանչերն են։…:
Արցախեան օրագրութիւնը եւս նուազ “հարուստ” չէ, լոյս կեանք չտեսած մանուկներու դառն ճակատագրի էջերով.
«Անոնք քչուեցան իրենց հարազատ տուներէն, զրկուեցան Հօր, մօր գուրգուրանքէն, անօթեցան, տառապեցան, վիրաւորուեցան հոս-հոն ինկած ռումբի բեկորներէն, կորսնցուցին իրենց խաղընկերներն ու քոյր-եղբայրները եւ կամ մահացան աննկատ անկիւն մը՝ հանդիսանալով մարդկային խղճի մշտաբորբոք խարանը»:
Մարդկային խղճի մշտաբորբոք խարանը ամբողջ աշխարհին առջեւ բացայայտելով եւ մարդկութիւնը զգաստութեան կոչելով մանուկներու օգնութեան ծառայող գիրք մը՝ «Անմեղներու Ջարդը» 1970, հրապարակ հանեց լրագրող եւ վիպագիր՝ Պերնար Քլավել, Լոզանի մէջ “Մարդոց Երկիր” անունը կրող մանուկներու փրկարար ընկերակցութեան անդամներէն մէկուն հետ հանդիպումէն ետք։
Լոզանի մէջ, ձմրան Կիրակի օր մը, Պերնար Քլավել կը հանդիպէր այն “մարդուն, որ մանուկներ կը փրկէր” եւ ան էր, արդարեւ, ոգին ու սիրտը “երկրի մարդոց” շարժումին։ Մարդ մը, որ չէ ուզած երբեք հրապարակուիլ եւ մերժած է անուան յիշատակութիւնը։ Մնալ խորհրդաւոր ու անծանօթ: Պերնար Քլավէլի հանդիպումը այս անծանօթ եւ խորհրդաւոր մարդուն հետ առիթ ծառայած է, որ անոր միջոցաւ դժոխային տառապանքին, թշուառութեան եւ պատերազմին, որուն մէջ նետած են մանուկները Վիեթնամ, Ափրիկէ, Ֆրանսա կամ այլ տեղեր, ծանօթանալով գրի առնել «Անմեղներու Ջարդը» գիրքը։ Գիրք մը, որ ահազանգի ճիչ մըն է, ըստ հեղինակին եւ պիտի փորձէ ցնցել մեր աշխարհի անտարբերութիւնը։ Ահա թէ ինչու ան կ՚ըսէ իր գիրքին մէջ. «Ես կ՚ուզէի ամբողջ պարզութեամբ, որ իւրաքանչիւր անձ անսայ իր խղճի ձայնին աշխարհի անցուդարձերու նկատմամբ եւ այս իրողութեան լոյսին տակ, ինչ որ ալ ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին կացութիւնը, ժեսթ մը կատարել անպայման օգնութեան հասնելու համար անմեղներուն»:
Bernard Clavel «Le Massacre Des Innocents», 1970
Սիրտ ու խիղճ ունեցող մարդկային ու բարոյական նոր քաղաքականութեան մը ծնունդ տրուելու է, որուն առանցքը ըլլալով սէր եւ կարեկցութիւն վաղուան աշխարհի քաղաքացիին հանդէպ, շարժէ՛ ու ցնցէ աշխարհի ոճիրի համազօր անտարբերութիւնը։ Քաղաքականութիւն մը, որ ապահովէ մանուկներուն խաղաղութեան մէջ ապրելու, տեւելու եւ զարգանալու իրաւունքը. տայ իրենց կեանքին “սքանչելի պահերը”՝ մանկութեան երջանկութիւնը…:
Սէրն ու կարեկցութիւնն է, որ պետական քաղաքականութիւնը պիտի մարդկայնացնէ այնքան մը, որ Ամերիկայի մէջ օրինակ, շատ աւելի ժամանակ ու դրամ չյատկացնեն գողցուած ինքնաշարժները փնտռելով գտնելու, քան՝ կորսուած, առեւանգուած, գողցուած տասնեակ հազարաւոր մանուկները…։
Վաղուան աշխարհի քաղաքացիին հանդէպ սիրով եւ կարեկցութեամբ է, որ Ափրիկեան երկիրներու մէկ միլիոն մանուկները պիտի փրկէ հասարակածային պայմաններու յատուկ հիւանդութիւններէ: Դուրս պիտի բերէ զանոնք սովի, անօթութեան եւ թշուառութեան ամօթալի ճանկերէն։ Տուն պիտի վերադարձնէ փողոցի անպատսպար մայթերէն եւ փողոցային կեանքի գարշութենէն։ Դպրոց պիտի հասցնէ՝ աշխարհի լոյսին եւ գիտութեան բարիքով աշխարհին բացուելու համար…:
Ու այս բոլորը, անոր համար, որպէսզի Աստուածահաճոյ իւրաքանչիւր մանուկի ծնունդ դառնայ մէկ նոր վկայութիւնը այն յոյսին ու հաւատքին, ըստ որուն. «Աստուած տակաւին չէ յուսախաբուած մարդէն»։

29 Օգոստոս, 1993

ԱՆԳՐԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ

«Իւնեսքոն ձեռնարկած է պայքարի մը անգրագիտութեան դէմ։
Գործակցութիւն հաստատուած է այն բոլոր ծրագիրներուն հետ, որոնք կը պայքարին գրաճանաչութիւնը ընդհանրացնելու եւ տարածելու` նախակրթական ուսման ծաւալումով։ Իւնեսքոյին նպատակն է անգրագիտութեան տուն տուող պատճառները վերացնել։ Առա՛նց այդ պայքարին՝ անգրագիտութամբ տառապողներու թիւը աշխարհի վրայ 2000 թուականին պիտի հասնի մէկ միլիառի»։

«ԻՒՆԵՍՔՈՅԻ ՏԵՂԵԿԱԳՐ»էն

Տիեզերական անգիր բարոյական օրէնքով մարդու տարրական իրաւունքը կը կազմէ գրաճանաչութիւնը. գրել-կարդալ իմանալու ընդհանրակ առանձնաշնորհումը։ Ա Աշխարհի եւ մարդկութեան զարգացման, յառաջդիմութեան հոլովոյթը՝ գրաճանաչութեան բարիքին իրաւունքը խլելով առանձին, վերնախաւային դասակարգերու մենաշնորհումէն, ընդհանրացուց անոր տարածումը ժողովուրդին համար, ներգրաւումովը ժողովրդական բոլոր խաւերուն։
Պատմութեան խաւար եւ նախնադարեան ժամանակաշրջանը՝ գրաճանաչութեան արշալոյսով թեւակոխեց իր զարգացման քաղաքակրթական հանգրուանը։ Աշխարհի մէջ իր սեփական գոյութիւնը եւ ազգային դիմագիծը պահելու կոչուած իւրաքանչիւր ազգ եւ երկիր՝ քաղաքակրթական մակարդակի տիրացման մղումով ձգտեցաւ ազգային գիրի նուաճման։ Գիրին նուաճումով, իւրաքանչիւր երկրի եւ եւ ժողովուրդի համար գրաճանաչութեան ընդհանրացումը՝ իբր քաղաքակրթապէս բարձրանալու կենսական անփոխարինելի միջոց՝ դարձաւ հրամայական անհրաժեշտութիւն։
Մարդ-քաղաքացին իր ֆիզիքական ապահովութենէն եւ սննդառութենէն ետք, փնտռեց մտքին աճումը ապահովող գիրին լոյսը։ Բարիքը։ Երկրի մը ընկերային պարտաւորութիւնը կազմեց իր քաղաքացին գրաճանաչմամբ օժտելը եւ անո՛վ նպաստելու համար տգիտութեան յետամնացութեան վերացման՝ իր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Երկրի մը յառաջապահութիւնը ուսման, մշակոյթի եւ ընկերային մտածողութեան զարգացման մարզերէն ներս կ՚արտայայտուի անգրագիտութիւնը իր ժողովուրդի մէջէն վերացնելու լուսամիտ սկզբունքով՝ երբ ան նախնական ուսումը պարտադիր դարձնող կրթական դեմոկրատական քաղաքականութեան մը վրայ հիմնուած է։ Երկրի մը կրթական ժողովրդավարական քաղաքականութիւնն է, որ անգրագիտութեան յետամնաց վիճակը բարելաւելով նուազագոյնի կ՚իջեցնէ անգրագէտներու քանակը։ Ո՛չ քաղաքացիին անտարբերութիւնը, ո՛չ ալ ընկերային պայմանները պէտք չէ խոչընդոտեն գրաճանաչութեան մարդկային տարրական իրաւունքին գոհացման։
Այսօր, “թեքնոլոժիի” զարգացման ներկայ պայմաններուն մէջ, մտքով թերաճներն անգամ գրաճանաչութեան հասնելու բաղդաւորութիւնը ունին…։ Հետեւաբար, չ՚արդարանար աշխարհի վրայ ո՛չ միայն անգրագէտներու քանակին բազմացումը, այլեւ՝ գոյութիւնը։ (Ըստ վիճակագրական տուեալներու, եթէ ներկայ պայմանները նոյնը շարունակեն մնալ, մինչեւ 2000 թուականը, զարգացած համարուած երկիրներուն մէջ անգրագէտներու թիւը մէկ միլիառի պիտի հասնի)։
Միա՛յն թերաճ, տնտեսա-ընկերային պայմաններով յետա մնաց երկիրներու յատուկ երեւոյթ չէ անգրագիտութիւնը, ա՛յլ՝ զարգացած երկիրներու։ Հոս կ՚արժէ ընդգծել այն իրողութիւնը, որ հակառակ այսօր Խ. Միութեան մէջ “Փերեսթրոյքայի” եւ “Կլասնոսթի” ընձեռնած լայն ազատութիւններով, ժողովուրդին շատ մը մարզերու մէջ ապրած իրաւազրկումներուն ճշմարտացի քննադատութիւնները կը կատարուին, բայց` Խ. Միութիւնը (եւ մեր հայրենիքը՝ Խ. Հայաստանը) աշխարհի այն քիչ երկիրներէն են, ուր անգրագիտութիւնը գրեթէ վերացած է եւ գրաճանաչութիւնը համատարած երեւոյթ է։
Տասը տարիներ մարդկութիւնը կը բաժնեն ներկայ դարու մայրամուտէն եւ նոր դարու արշալոյսէն։ Մայրամուտին կը հասնի դար մը, որ Մարդկութիւնն ու Գիտութիւնը առաջնորդեց հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններու։ Գիտա–տեխնիկական յեղափոխութիւնը բարձր եւ աներեւակայելի թռիչքներու հասցուց մարդկային միտքի նուաճումները։ Վերափոխեց աշխարհն ու մարդկութիւնը։ Բարձրացուց երկիրներու եւ ժողովուրդներու մշակութային եւ քաղաքակրթական մակարդակները։
Հակառա՛կ, սակայն, լուսաւոր եւ գիտա-յեղափոխական դարու բոլոր մարզերէն ներս ապրած զարգացումներուն, յառաջդիմութիւններուն եւ յեղաշրջիչ նուաճումներուն՝ երբ տասնամեակ մը ետք 20-րդ դարը պատմութեան պիտի անցնի իր ստուերներով եւ լոյսերով՝ անգրագիտութիւնը աշխարհի վրայ կը շարունակէ մնալ իբր մարդկութեան վէրքն ու ընկերային չարիքը…:
Այն պատմական պահուն, երբ մարդկութիւնը կը պատրաստուի Նոր դարու մը սեմին թեւակոխելու, դժբախտաբար իր հետ Նոր Դար պիտի փոխադրէ աշխարհի վրայ անգրագիտութեան ամօթալի երեւոյթը, որ կը սպառնայ երկրէ երկիր աւելի տարածուիլ, հակառակ նոյնիսկ Իւնսքոյի նման միջազգային կրթամշակութային առաքելութեամբ Հիմնարկի մը հնչեցուցած ահազանգին…:
Աշխարհն այսօր, — զարգացած թէ թերաճ երկիրներու մէջ,վիրաւոր կը մնայ իր անգրագէտներու թիւով։ Իր հեղեղային լոյսին պայծառութիւնը ստուերող խաւարն է անգրագիտութիւնը, որ կը վիրաւորէ նաեւ մարդու արժանապատուութիւնը՝ մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնէն: Չի՛ կրնար եւ պէտք չէ իր արդարացումը ունենայ այսօր, ներկայ աշխարհի զարգացման պայմաններու լոյսին տակ, աշխարհի որեւէ անկեան մէջ անգրագէտներու գոյութիւնը…: Նիւթական կամ ընկերային այլ պատճառներով անգրագէտներու ներկայութիւնը՝ լուսաւոր դարու մարդկութեան ամօթը կը կազմէ…:
Ինչքա՜ն ալ դրական ըլլայ՝ իբր նախաձեռնութիւն եւ նպատակ՝ ՄԱԿ–ի թէ Իւնեսքոյի կողմէ 1989–ը “Գրագիտութեան
Համաշխարհային Տարի” հռչակելով անգրագիտութեան դէմ՝ ձեռնարկուած պայքարը, որ կը ձգտի մինչեւ 2000 թուական մէկ միլիառի չհասցնել անգրագէտներու թիւը, այլ ընդհակառակն նուազեցնել՝ մնացող քանակն անգամ չի դադրիր խոցելի ըլլալէ դարու յառաջդիմութեան ան ոգիին եւ մարդկութեան զարգացման մակարդակի ընկերային մտածողութեան համար։ Երկիրներու եւ ժողովուրդներու նուաճած տնտեսա-ընկերային բարգաւաճումը եւ կրթական սիստեմներու յառաջացուցած արդիական ըմբռնողութիւնը, 20-րդ դարու վերջալոյսի սա օրերուն հետ անյարիր կը պահէ “Գրագիտութեան Համաշխարհային Տարի” հռչակման։
Ինչո՞ւ այսօր, 20-րդ դարու վերջերուն, անգրագէտներ մնացած ըլլային, որոնց գրաճանաչութեան համար աշխարհի մէջ հռչակուէր գրագիտութեան համաշխարհային տարի։ Մարդուն մարդկային տարրական իրաւունքին՝ գրաճանաչութեան նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ու հասկացողութիւնը իր օրին եւ ժամանակին, պետութիւններու կրթական ժողովրդավարական սկզբունքներով՝ առաջնորդուող քաղաքականութեամբ Իւնեսքոյի կողմէ 1987-ին հիմնուած Անգրագիտութեան՝ Համաշխարհային
Կազմակերպութիւնը անիմաստ պիտի դառնար: Արդարացում չ՚ունենար։ Կազմակերպութիւն մը, որ քսանէ աւելի քաղաքներու մէջ կը գործէ անգրագիտութեան դէմ պայքարի ծաւալումով։
“Գրագիտութեան Համաշխարհային Տարուան ” առիթով, եթէ իւրաքանչիւր երկիր եւ պետութիւն իր երկրին եւ պետութեան արժանապատուութեան համար ամօթ ու վիրաւորանք չհամարէ եւ անգրագէտներու թիւը յայտարարէ, գուցէ եւ աւելի ողբերգական պատկեր մը պարզէ աշխարհի վրայ անգրագէտներու քանակը, որ այսօրուան տուեալներով կրնայ մէկ միլիառի հասնիլ 2000 թուականին։
Ըստ ՄԱԿ-ի տրամադրութեան տակ գտնուող վիճակագրական տուեալներու՝ անգրագիտութեան երեւոյթը եւ անոր բարձր համեմատութիւններու հասնիլը աշխարհի վրայ կը վերագրուի պախարակելիօրէն կրթական մարզերու համար պետական պիւտճէներու կրճատման։ Ըստ ՄԱԿ–ի կրթական հարցերու եւ ծրագիրներու պատասխանատու Ուիլիըմ Տրեյփըրի. «Զարգացած երկիրները զեղջած են կրթական մարզին յատկացուած իրենց պետական պիւտճէները։ Այսպէս, 1972–ին, անոնք իրենց ընդհանուր պիւտճէին 13,2 առ հարիւրը կը տրամադրէին կրթական ծրագիրներու իրագործման, մինչ 1989–ին այդ համեմատութիւնը իջած է 6,6 առ հարիւրի։ Եթէ այս երեւոյթը շարունակուի 2000 թուականին զարգացած երկիրները պիտի ունենան մէկ միլիառ անգրագէտներ»։
1 Միլիառ անգրագէտներ զարգացած երկիրներու մէջ 2000 թուականին՝ իբր հետեւանք պետական պիւտճէի կրճատման։
Կարելի չէ ըմբռնել 2000 թուականի նախօրեակին կրթական նպատակներու համար պիւտճէի սահմանափակում որմէ վնասուողը ըլլայ մարդուն քաղաքացիական իրաւունքը։ Աւելի ճիշդ եւ տրամաբանական պիտի ըլլար, լուսաւոր դարու վախճանին, մարդու եւ երկրի լուսաւորութեան ի խնդիր, ռազմապաշտ նպատակներու համար յատկացուած պիւտճէներու կրճատման գումարները ի սպաս դնել բոլոր ժամանակներու կեանքի եւ քաղաքակրթութեան մեծագոյն դրամագլուխին՝ մարդու հոգե-մտաւոր բարիքին։
Աւելի տխուր են, մարդկայնական տեսակէտէ, թերաճ երկիրներու վիճակագրական տուեալները անգրագէտներու համեմատութամբ։ Հետեւեալ քաղուածքը կու տայ պերճախօս պատկերը. «Անգրագէտներու 98 առ հարիւր համեմատութիւնը կ՚ապրի թերաճ երկիրներու մէջ. 666 միլիոն՝ Ասիոյ, 162 միլիոն՝ Լատին Ամերիկայի եւ 44 միլիոն՝ Քարայիպեան կղզիներուն մէջ։
Ներկայիս թերաճ երկիրներուն մէջ կ՚ապրին 6-11 տարեկան աւելի քան 100 միլիոն երեխաներ, որոնք դպրոց չեն յաճքխեր եւ անմբողջութեամբ անգրագէտ են: Արաբական երկիրներու մէջ չափահասներու կէսէն աւելի գրել–կարդալ չեն գիտեր եւ երեխաներու մեծամասնութիւնը դպրոցազուրկ է: Արաբական բազմաթիւ երկիրներու մէջ կիներու անգրագիւտութիւնը կը հասնի 70 առ հարիւրի: Եգիպտոսի 52 միլիոն բնակչութեան կէսը անգրագետ է: Տարեկան աւելի քան 150,000 եզիպտացի աշակերտներ կը լքեն դպրոցը ընտանիքին ապրուստին իրենց նպաստը բերելուհամար: Ժողովուրդի գերաճին պատճառաւ, հակառա՛կ 15 տարեկանէն վար փոքրիկներու համար պարտադիր ուսումնառութեան, դպրոցները ի վիճակի չեն դպրոցական տարիքի երեխաները դպրոց ընդունելու»: Վիճակագրութիւնը կ’եզրակացնէ. «Արաբական երկիրները յառաջիկայ յիսուն տարիներու ընթացքին միայն կրթական առողջ քաղաքականութեամբ կրնան վերացնել անգրագիտութիւնը»:
Աշխարհին եւ մարդկութեան համար պատուհաս համարուող անդրագիւտութիւնը իրեն տուն տուող պատճառներով անհետացնելու համար, պետութիւններ իրենց կրթական քաղաքականութիւնը հիմնելու են ժողովրդավարական այն սկզբունքին վրայ, որ կ’ապահովէ անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն գրաճանաչութիւնը: Մարդկայնական ոգիով յարգելու եւ պաշտպանելու են մենուկ քաղաքացիին` «գրաճանաչմած իրաւունքը”: Զինաթափութեամբ գոյացած գումարները ներդրուելու ան աշխարհէն անդրագիւտութիւնը վերացնելու լուսարար արշալին, որպէսզի
Իւնեսքոյի եւ ՄԱԿ–ի կողմէ յայտարարուած “Գրագիտութեան Համաշխարհային Տարին` 1989” մէկնակէտը ծառայէ բոլոր միջոցներու օգտագործումով մինչեւ 2000 թուական անգրագիւտութեան քանակը նուազագոյնի հասցնելու եւ անոր տուն տուող պատճառները միանգամընդմիշտ եւ ամբողջութեամբ ջնջելու համար:
Որպէսզի 20–րդ դարու վերջի լուսաւոր եւ յուսալի մարդը իր անդրագետ նմանին խպնանքով չնայի, եւ ամօթէն չկարմրի, աշխարհի ոչ մէկ անկեան մէջ անգրագէտ մարդ մնալու է: Ամէն ինչ ի խնդիր մարդու լուսաւորութեան, հոգե–մտաւոր աշխարհի մշակութային զարգացման…:

3 Դեկտեմբեր, 1989

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՀԱՐՑ

«Ժողովուրդն է այս անիմաստ պատերազմին միակ զոհը:
Ժողովուրդին իրաւունքն է գիտնալ, որ իր ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ»:
ԱՆԹՈՆԻԱՆ ՊՇԱՐԱ
(Աշխատաւորական Համադաշնակցութեան Նախագահ)

Եթէ այսօր աշխարհի վրայ կան ժողովուրդներ (եւ իրապէս կա՛ն), որոնք՝ 20—րդ լուսաւոր դարու վերջալոյսին, տակաւի՛ն կ՚ապրին դարու յառաջդիմութեան հետ բոլորովին անյարիր անմարդկայնութեանբ՝ Լիբանանի ժողովուրդին ապրած՝ ու դաժանօրէն շարունակուող աներեւակայելի ողբերգութիւնը կը մնայ անոնցմէ ամէնէն արիւնոտը, ամէնէն անմարդկայինը, ամէնէ՛ն ահաւորը….: Տասնհինգ տարին բոլորած՝ անորակելի պատերազմին բոլոր հանգրուաններու բռնկումներուն հոգե–բարոյական արեւիւրին ու անձնկիրութեան, անհաւասական թէ հաւանական սպանդներու, քանդումներու, տնտեսա–ըեկերային հոգեմաշ տագնապներու եւ ջղային–հոգեկան փլուզումներու դժոխքը թէ՛ ժողովուրդին իրաւունքն է գիտնալ: ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղուան իր ճակատագիրը..:
Ժողովուրդին այսօրուան ողբերգական ճակատագիրը եւ վաղուան անորոշ իրավիճակը…:
Աշխարհի ղեկավարող մեծ մայրաքաղաքներէն հասած տեղեկութիւններու համաձայն, աշխարհ ձանձրացած է Լիբանանի զզուելի եւ անվերջանալի պատերազմէն եւ հակամարտ կողմերու անզիջողութենէն: իր մամուլին մէջ Լիբանանի ժողովուրդին ապրած անպատմելի ողբերգութեան չի տրամադրեր այնքա՜ն տեղ ու տող… որքա՛ն կը յատկացնէ Անգլիոյ թագուհիին գոհարեղէններու անձնական հաւաքածոյի բազմազան ճոխութեան… կամ գահաժառանգ իշխանին եւ իշխանուհիին փարթամ վայելքներու զուարճութեան ու նորաձեւութիւններու քմայքին…:
Առա՛նց անտեսելու Լիբանանի ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան հանդէպ ցոյց տրուած մարդասիրական օգնութիւնները ու իրապէս աշխարհի խաղաղասէր ուժերու անկեղծ նախաձեռ-նութիւնները՝ աշխարհի կողմէ անտարբերութիւնը ակներեւ է վճռական կեցուածքով Լիբանանի մէջ արիւնը դադրեցնելու ու կրակը մարելու առնչութեամբ…: Լիբանանի ժողովուրդին ամէնօրեայ ողբերգութեան հանդէպ ցոյց տրուած կարեկցակա՜ն օգնութիւններն ալ, կը յիշեցնեն այն իմաստուն հետեւութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Ժողովուրդը դժբախտացնելէ եւ ժողովուրդի զաւակները որբացնելէ ետք… ի՜բր բարեսիրական օգնութիւն որբահաւաք ընկերութիւններ կը կազմեն ձեռնարկելով որբահաւաքի…»:
Լիբանանի պատերազմին բազմաբնոյթ ելեւէջներուն եւ քաղաքական բոլոր տխուր բեմադրութիւններուն դառն փորձառութիւնը ապրած եւ ականատես վկան եղած լիբանանցիներուն մէջ, կա՞ն արդեօք տակաւին միամիտներ հաւատալու համար, որ Լիբանանի տասնհինգամեայ պատերազմը ներքին հակասութիւններու եւ համայնքային հակադրութիւններու հետեւանքներն են միա՛յն եւ անո՛նք առնչութիւն չունին շրջանային միջազգային դիւանագիտութեան վարած ըստ նախածրագրուած քօղարկեալ քաղաքականութեան՝ կամ Միջ-արաբական ցաւալի տարակար- ծութիւններուն հետ, որոնց իբր զոհ ո՛չ միայն Լիբանան դարձած է պատերազմական ոճրաբոյր թատերաբեմ, այլեւ՝ ժողովուրդն ալ կրակի ու արեան թակարդին մէջ գրաւուած պատանդ…։
Միջազգային դիւանագիտութեան անմարդկային քաղաքականութեան սադրանքներուն համար ամենեւի՛ն հարց ու մտահոգութիւն չե՛ն ու չե՛ն կրնար ըլլար ժողովուրդին ամէնօրեայ ապրած ողբերգութիւնը, եղբայրասպան կռիւներու կատաղութիւնը, գործուած ու գործուող ցեղասպանութիւնները…: Կա՛ն քաղաքական շահեր ու դիւանագիտական հաշուենկատ ձգտումներ, որոնք չեն թոյլատրեր Ապահովութեան Խորհուրդի ամենա– զօր զսպիչ ուժերով, մարդկայնական սկզբունքներու եւ իրա-ւունքներու կիրարկումով եւ յարգումով վերջ դնելու Լիբանանի ժողովուրդին՝ աշխարհն ու մարդկութիւնը ամօթապարտ պահող՝ ողբերգութեան…:
Լիբանանի պատերազմին յուզիչ ու խռովայոյզ երեւոյթներէն էին առեւանգումները…: Անոնք՝ շռնդալից ըլլալով միջազգային հանրային կարծիքը յուզող էին յատկապէս Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմէն ներս ընդգրկուած միջազգային մեծ տէրութիւններու քաղաքացիներու առեւանգումներով…։
Քաղաքականութեան մէջ չընդգրկուած օտարահպատակ անմեղ մարդերու առեւանգումները,– պարզապէս հպատակութեան “մեղք”ի համար կատարուած, – դա՛րձեալ ո՛չ մէկ կերպով արդարանալի ըլլալով, դատապարտելի էի՛ն…։ Անմեղօրէն առեւանգուած որեւէ պատանդի ազատ արձակումը անկասկած ուրախացուց եւ կ՚ուրախացնէ ամէն մարդկայնասէր կարեկից հոգի: Բայց ինչքա՜ն ողբերգական էր,– գոնէ Լիբանանի ժողովուրդին համար,– շեշտուած կերպով հակասութիւններու պարզուած պատկերը, երբ վերջերս, Լիբանանի մէջ առեւանգուած իր երկրի պատանդներուն ազատ արձակումին համար մեծ տէրութեան մը նախագահը կը յայտարարէր. «Գիշերը-ցերեկին խառնած կը մտածեմ եւ կ՚աշխատիմ անոնց փրկութեան համար»:
Իրենց պատանդուած (իրաւացի կամ անիրաւ կերպով) քաղաքացիներու փրկութեան համար “գիշերը–ցերեկին խառնող”, ու այդքա՜ն աղմուկ բարձրացնող մեծ տէրութիւնները ու անոնց “մեծ” քաղաքագէտները ու՞ր են, ի՞նչ կ՚ընեն. Մարդու եւ Ժողովուրդի Իրաւունքին նուիրագործուած սկզբունքներով, պատանդուած ամբո՛ղջ ժողովուրդի մը արիւնոտ ու տառապահար ողբերգութեան վերջ տալու համար: Մարդ չկա՛յ որ չգիտնայ թէ ներկայ աշխարհի քաղաքական հոլովոյթներու զարգացման բեմին վրայ, որեւէ երկրի մէջ բռնկած քաղաքական հրդեհներուն հրահրիչները եթէ՜… մեծերը չեն, բայց անպայման մարողը իրենք են…: Ո՞ւր են, ի՞նչ կ՚ընեն եւ ո՞ր օրուան կը սպասեն Լիբանանի ամէն սրբութիւն եւ կեանք, ամէն ինչ ոչնչացնող ամենակուլ հրդեհին քաղաքական ամենազօր հրշէջները…:
Տարի մը առաջ, պատանդութենէ ազատ արձակուած ամերիկահպատակ հնդիկ փրոֆ.ի մը՝ տոքթ. Սինկ խոստովանութիւնները, առեւանգեալի կեանքին մասին, անմարդկային ոչինչ կը բովանդակէր։ Ընդհակառակը հասկացողութիւն մը ակներեւ էր զինք առեւանգողները այդ արարքին առաջնորդող շարժառիթներու նկատմամբ…։
Մինչդեռ Լիբանանի տասնհինգամեայ պատերազմի կրակէ օղակներուն մէջ պատանդուած ժողովուրդին ողբերգութիւնը անծա՛յր է ու անտարազելի…։
Բռնադատուած է իր մարդկային արժանաւորութեան մէջ…:
Մնայուն կերպով մահուան յաճախանքէն հալածուած՝ ողջ մնալն ու ապրիլը առանձնաշնորհում մըն է այս օրերուն Լիբանանի մէջ…: Կեանքը այնքա՜ն աժանցած եւ մահը այնքան սովորական դարձած է, որ մարդիկ սառնասրտօրէն նոյնիսկ երիտասարդ մահերու առջեւ ի՛բր մխիթարական արտայայտութիւն հարց կու տան.— Չենք գիտեր վաղը ի՛նչ պիտի ըլլանք մենք. ճակատագիրը ի՛նչ վերապահած է մեզի…։ Ժողովուրդին առօրեան խաչելութեան ճամբուն նման տառապալից է։ Զրկուած է տարրական բարիքներէ…: Լոյս չկայ, որ ո՛չ միայն իր գիշերները լուսաւորէ այլեւ՝ փրկութեան ուղին որոնէ՚…։ Ջուրը դարձած է անգտանելի բարիք երբ այնքան ջինջ ու անուշ կը հոսէր Լիբանանի ջուրը տուներու ծորակներէն եւ աղբիւրներէն…։ Եղան օրեր երբ ժողովուրդը զուրկ մնաց նոյնիսկ հանապազօրեայ հացէ՛ն…:
Փլատակուած տուներու աւերակներուն դիմաց, ժողովուրդին մէջ որքա՛ն հոգիներ կան, որոնք փուլ եկած են…։ Ամիսներէ ի վեր անգործութենէ կարօտեալ ժողովուրդի հէգ բեկորներ ակամայ կ՚ապրին նպաստընկալի բարդոյթին նուաստացումը՝ իրենց ընտանիքի եւ զաւակներուն սիրոյն…։ Ընկճուած եւ տառապահար ժողովուրդի մէջէն բարձրացող նոր սերունդը, Լիբանանի ուսանողութիւնը՝ ո՛չ միայն իր հոգեբարոյական կառոյցին մաս առ մաս հիւծումն ու քայքայումը կը զգայ ու կ՚ապրի, այլեւ, իր ապագան մո՛ւթ սկսած է տեսնել՝ շարունակուող պատերազմին անծայր ողբերգութեան ընդմէջէն…։
Ժողովուրդը ինչքա՜ն ընտիր եւ արժանաւոր զաւակներ կորսնցուց պատերազմէն պատուհասուած ու ահաբեկուած… կամ՝ “ուղեղներու գաղթին” հոսանքն ի վար քշուած…:
Լիբանանի ժողովուրդին ողբերգութիւնը,— որքա՜ն ալ փորձենք թուել ու տարազել,— անծայր է ու անտարազելի։ Ահա թէ ինչո՛ւ ժողովուրդն է այս անիմաստ պատերազմին միակ զոհը…:
Բայց ո՞վ է եւ ո՞ւր է ժողովուրդին տէրն ու պաշտպանը՝ պետական օրինականութիւնը։ Ժողովուրդին շահն ու իրաւունքները դաժանօրէն ոտնակոխելով կորսնցուցած են իրենց իմաստն ու կարեւորութիւնը…։ Լիբանանի ժողովուրդին ողբերգութիւնը,- օրէ օր, տարուէ տարի բազմապատկուող, ո՛չ միայն իրն է միայն, այլեւ երկրագունտի մարդկայնութեամբ տրոփող եւ մարդկային իրաւունքի եւ արժանաւորութեան հանդէպ յարգանք տածող բոլոր ժողովուրդներունը։ Որովհետեւ, ինչպէս այս տարեմուտին, Համաշխարհային Խաղաղութեան Օրուան առիթով իր պատգամին մէջ Ժան Փօլ Բ. Պապը կը շեշտէր. «Մի սպաննէք մարդը, որովհետեւ մարդկային իւրաքանչիւր կեանք հասարակաց ժառանգութիւնն է բոլո՛ր մարդերուն»:
Կը թուի թէ Լիբանանի ժողովուրդը իր ողբերգութեան իբր Մարդկային Իրաւանց Հարց՝ վախճանը եւ լուծումը պիտի տեսնէ տիեզերական այն լոյսին երեւումով, որ մարդկութիւնը իր հոգեկան վերածնունդով պիտի առաջնորդէ դէպի “Համաշխարհային Վաւերական Համայնքի” մը համատրոփ մարդկայնականութեան…:

23 Ապրիլ, 1990

ՑԵՂԱՅԻՆ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

«Ամէն մարդ պէտք է յարգէ դիմացինը, անոր ազատութիւնը, գաղափարները, անոր դէմ ուժ չգործածէ, չփորձէ ոչնչացնել զայն, պարզապէս որովհետեւ այդ ուրիշը կը պատկանի ուրիշ ազգի կամ ցեղի…
Իրաւունքները բոլոր մարդոց համար են, առանց ցեղի, գոյնի, սեռի լեզուի, կրօնքի, գաղափարի խտրութեան»։
«ՄԱԿԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԷՆ»

Սկզբունքով՝ 10 Դեկտեմբեր 1948–ին, ՄԱԿի կողմէ որդեգրուած մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ որոշումները ընդունուած են ՄԱԿի անդամ բոլոր երկիրներուն կողմէ։ Բա՜յց, սկզբունքով եւ թուղթի վրայ միայն, որովհետեւ որդեգրուած եւ ընդունուած թուականէն ասդին, չեն դադրած նոյնիսկ ամէնէն քաղաքակրթուած երկիրներուն մէջ, մարդու եւ անոր արժանապատուութեան հանդէպ անարգումները, անհատի եւ հաւաքականութիւններու ազատութեանց բռնաբարումները, գաղափարներու հանդէպ անհանդուրժողութիւնները, ուժի եւ բռնութեան վայրագ ու անմարդկային գործածութիւնը դիմացինը ոչնչացնելու սանձազերծ ահագնութեամբ՝ ազգի, ցեղի եւ կրօնքի տարբերութեան անընդունելի պատճառներով։
Կրօնները իրենց սիրոյ փիլիսոփայութեան բարոյական հիմունքներով խտիր չե՛ն դներ կամ դնելու չե՛ն՝ ազգի, ցեղի եւ կրօնքի տարբերութիւններուն միջեւ…: Դնող կրօնքները (դնողները կրօնքները չեն, այլ կրօնքը իբր գործիք գործածողները) աղարտած կ՚ըլլան կրօնքին էութիւնը եւ շեղած աստուածային կամքին առաքելութիւնը՝ մարդկային ընկերութենէն ներս…։
Ընկերա–քաղաքական մարդկայնական վարդապետութիւններ ամբողջովին անհաշտ են ո՛չ միայն մարդու անհատական մակարդակի վրայ շահագործումներուն, ճնշումներուն եւ անիրաւութիւններուն, այլեւ՝ ցեղային խտրականութենէ առաջացող անարդարութիւններուն։ Ազատութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով անոնք կը պայքարին անհատին թէ ազգային հաւաքականութեան իրաւունքներուն ապահովման եւ պաշտպանութեան համար։ Մարդկայնապաշտութեան, ազգերու միջեւ եղբայրութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն խախտումները՝ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն ամբո՛ղջ փիլիսոփայութեան մը եւ ընկերային դրուածքի մը գոյութիւնն ու անկեղծութիւնը…։
Հակառակ մարդկութեան մեծամասնութիւնը կազմող եւ ցեղային, կրօնական, ընկերային առողջ հայեացքներով առաջնորդուող զանգուածներու եւ ժողովուրդներու աշխարհի վրայ գոյութեան, դժբախտաբա՛ր, կա՛ն ցեղակրօն վարդապետութիւններ եւ այդ վարդապետութիւններով առաջնորդուող ժողովուրդներ եւ պետական կառոյցներ, որոնք ո՛չ միայն իրենց քարոզչական արշաւներով կը քաջալերեն ցեղային խտրականութիւնը, ընտրեալ ազգերու գերակայութիւնը, այլեւ՝ զինուորապաշտ քաղաքականութեամբ ի գործ կը դնեն ճնշումի եւ բռնարարքի եղանակներ, կը կազմակերպեն ցեղասպանական ոճիրներ, աշխարհին տիրելու կայսերապաշտական ձգտումներով թէ աշխարհին իրենց կամքը պարտադրելու ցեղային հիւանդագին մարմաջով…։
Աշխարհի մէջ ծաւալողապաշտական, տնտեսա-քաղաքական մրցակցութեան, հին շահերու պահպանման եւ նոր շահերու ապահովման մութ ու շահադէտ դիտաւորութիւնները պիտի շարունակեն իրենց իսկ կողմէ մշակուած, բանաձեւուած եւ ընդունուած մարդկային իրաւունքներն ու անոնց գործադրութիւնը անտեսելով, քաջալերել, հրահրել եւ սրել ցեղային խտրականութիւնն ու ռազմապաշտ միջոցառումները՝ աշխարհի զանազան մասերուն վրայ։
Ու այնքան ատեն, որ աշխարհի մէջ եւ մարդկութեան ծոցին բոյն դրած ցեղակրօն վարդապետութիւնները կան ու գոյութիւն պիտի պահեն, ցեղային խտրականութիւնը պիտի մնայ մարդկութեան պատուհասը, աշխարհի վէրքը եւ ազգերուն կործանարար չարիքը…:
Մարդկային իրաւանց լոյսին տակ, որ իր առաջին յայտանշանը տուաւ 1791–ին, ֆրանսական Ա. Յեղափոխութեան օրերուն, հաստատուած, նուիրականացած իրաւունքներ կան, որոնց տիրացումը ազատութեան բնական պահանջքով իրաւունքն է անհատներու եւ ազգային բոլոր հաւաքականութիւններու:
Մարդուն հետ ծնող մարդուն բնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները չեն պայմանաւորուած մարդկային բնոյթին սեւ կամ ճերմակ, դեղին կամ կարմիր ըլլալու հանգամանքներով…։ Մարդը մարդ է՝ սեւ ըլլայ կամ ճերմակ, քրիստոնեայ ըլլայ կամ մահմետական, պրահման ըլլայ կամ պուտտայական, զրադաշտական ըլլայ, կամ հեթանոս…:
Ի՞նչ է մեղքը մարդուն, եթէ անկախ իր կամքէն, միջավայրի եւ ժառանգութեան տուեալներով սեւ ծնած է կամ Քրիստոնեայ. սպիտակ ծնած է կամ Իսլամ։ Ի՛նչ երկինքի տակ, ի՛նչ գոյնով եւ ի՛նչ կրօնքով ալ աշխարհ եկած ըլլայ մարդը, ըստ մարդկային իրաւունքներու ճշդուած սկզբունքին. «Մարդիկ կը ծնին եւ կ՚ապրին ազատ եւ հաւասար իրաւունքներով»:
«Ամէն անձ իրաւունք ունի մասնակցելու հաւաքականութեան մշակութային կեանքին, հաճոյանալու արուեստներով եւ մաս կազմելու գիտական յառաջդիմութեան, ինչպէս եւ անկէ բխած բարիքներուն»:
(Մարդկային Իրաւանց Տիեզերական Յայտարարագիր, Յօդուած 27)
Կրօնական պատկերացումով թէ մարդկային ընկերային մտածողութեան զարգացումով, մարդը իր նմանին հետ հաւասար իրաւունքներով ապրելու է։ Օգտուելու է Գիտական յառաջդիմութեան բարիքներէն հաւասարապէս, եւ՝ ունենալու է իրաւունք մասնակցութեա՛ն՝ հաւաքականութեան մշակութային կեանքին։
Երկրի ընդհանրական եւ հասարակաց վայրերուն։ Իշխանութեան։
Պետական թէ ժողովրդական մակարդակի վրայ ցեղային խտրականութեան քաղաքականութիւնը՝ իր առաջացուցած անհանդուրժողութեան, ատելութեան, այլամերժութեան վանողականութեամբ՝ բաժնած է ճերմակը սեւէն, այսպէս կոչուած ընտրեալը ստորադասէն, դասակարգ մը ուրիշ դասակարգէն։ Մարդը մարդէն գոյնի, ցեղի, դասակարգի՛ եւ դաւանանքի բաժանումը խտրականութեան այն խրամատը առաջացուցած է, որ թոյլ չի տար սպիտակին հանդուրժելու սեւերու ներկայութիւնը հանրային այնպիսի վայրերու մէջ, ինչպիսիք են՝ հանրային պարտէզները, ծովային լոգարանները, օդափոխութեան զբօսավայրերը, փոխադրութեան միջոցները, ճաշարանները, կրթական հաստատութիւնները եւ մշակութային ձեռնարկները։
Ցեղային խտրականութեան այս խրամատը իր ծայրագոյն սաստկութեամբ խորանալով ընդհանրացած է մասնաւորաբար Հարաւային Ափրիկէի եւ Ամերիկայի հարաւային նահանգներուն մէջ։
Արհամարհանքը, հալածանքը, ճնշումները, խոշտանգումները, սպանութիւնները, ստրկացումները, ազատազրկումները, աքսորները, գերեվաճառութիւնը եւ ամէն կարգի իրաւազրկումները ո՛չ միայն ոտնահարած են սեւերու ազգային ու մարդկային արժանապատուութիւնը, որ ո՛չ Աստուծոյ եւ ո՛չ ալ մարդուն մարդասիրութեան համար հաճոյ եւ ընդունելի են, այլեւ՝ ցեղային ստորադասութեան բարդոյթով վիրաւոր դարձուցած են իբր մարդ եւ հաւաքականութիւն իրենց ինքնասիրութիւնը։ Ապրելու իրաւունքէն եւ շնորհէն զուրկ զգալու ներքին հոգեբանական տառապեցնող դառնութեամբ եւ բարդոյթո՛վ։ Այս է պատճառը նաեւ, որ աշխարհի բոլոր մարդասիրական կողմերէն բուռն հակազդեցութիւններ դատապարտած են ցեղային խտրականութիւնը եւ չեն վերապահած իրենց համակրանքը սեւամորթներուն հանդէպ՝ ինչ որ ալ եղած ըլլան այս վերջիններուն կեանքի անսովոր, զարտուղի եւ կենցաղային անընդունելի բարքերը։ Գրագէտ Իլիա Էհրէնպուրկ՝ Ամերիկա տուած իր այցելութենէն վերադարձին, գրած գիրքին մէջ, այսպիսի տողեր նուիրած է Ամերիկայի սեւամորթներուն. «Սեւամորթները իսկական սոխակներն են Ամերիկայի եւ երբ որ հայրենաբաղձութիւնը գրաւէր զիս եւ իրական արուեստին պէտքը զգայի, ժանտախտաւոր Հարլէմի ճամբան կը բռնէի։ Լաւագոյն նուագածուներն են սեւամորթները, լաւագոյն պարողները, լաւագոյն միմոսները. ներդաշնակութեան գիտակցութիւնը ունին անոնք։ Իրենց ճակատագրին պէս տխուր են անոնց երգերը»:
Ճակատագրին տխրութիւնը, սեւամորթ գոյնով ծնած ըլլալով անով դատապարտուած մնալու դատակնիքն է, որ մեծագոյն անարդարութիւնն է կրօնական անխտրականութեան տեսանկիւնէն թէ մարդասիրական հայեցակէտերէն դիտուած։ Ի ծնէ ճակատագրուած ըլլալ ընկերութեան կողմէ մերժուած մնալու, ստորադասութեան մատնուելու՝ մարդկային ընկերութեան ամենատխուր եւ փշաքաղիչ իրականութիւններէն կը մնայ: Երբ
Քրիստոսի Առաքեալը՝ Պօղոս ցեղային խտրականութեան դէմ ամէնէն ցնցիչ եւ խարանիչ դատապարտութիւնը պիտի բանաձեւէր. «Աստուած բոլոր մարդոց ազգերը մէկ արիւնէն ըրաւ, որպէսզի բոլորը երկրի երեսին վրայ բնակին»:
Մարդկութեան ընդհանրութեան համար սահմանուած տիեզերական իրաւունքներէն զուրկ մնալու եւ անոնց չտիրանալու համար մնայուն կերպով հալածանքի ենթակայ ըլլալու անիրաւութիւնը մղեց, որ ցեղային խտրականութենէ հալածուածները, չհանդուրժելով իրենց պարտադրուած տխուր եւ անարդար ճակատագրին եղերականութիւնն ու անմարդկայնութիւնը, ըմբոստանա՛ն այն բոլոր ուժերուն դէմ, – պետական թէ ցեղամոլական խմբակցութիւններու մակարդակին վրայ, որոնք նոյնիսկ ի հեճուկս մարդկային իրաւունքի ճանաչման գծով արձանագրուած յաջողութիւններու՝ շարունակած են ու կը շարունակեն ցեղային խտրականութիւն ցոյց տալ, անիրաւելով սեւամորթները։ Մինչեւ օրս տակաւին Հարաւային Ափրիկէի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի որոշ նահանգներուն մէջ 21-րդ դարու սեմին, անըմբռնելիօրէն սեւամորթները կը դասուին երրորդ, չորրորդ կարգի քաղաքացիներ:
Բնականաբար մէկ կողմէ եկեղեցին իր բարոյական հեղինակութեամբ, մինչեւ օրս “Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ”ի գծով գործնապէս կը սատարէ ցեղային խտրականութեան վերացման համար, իր դատապարտումի բանաձեւումներով թէ կեանքի օրինակներով, միւս կողմէ պետական գործիչներ, ինչպէս Աբրահամ Լինքն, որ սեւամորթներու ազատագրութեան Ռահվիրան հանդիսացաւ, իսկ ներկայ ժամանակներու մէջ, Ժօհն Քենետին։ Ան է, որ առաջին անգամ սեւամորթներու քաղաքացիական իրաւունքները, ցեղային արդարութեան դեմոկրասիէն մեկնելով ամերիկեան Գոնկրէսին առաջարկեց, բայց դժբախտաբար, իր մահէն ետք միա՜յն, իբր յարգանք իր յիշատակին, առաջարկութիւնը ընդունուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ։
Բայց սեւամորթներու ստրկութեան օրինական վերացումէն մէկ ու կէս դար ետք, Հարաւային Ափրիկէի մէջ տակաւին կը շարունակուին ոչ միայն սեւամորթները մարդկային տարրական իրաւունքներէ զրկելու քաղաքականութիւնը, այլեւ՝ զանոնք ստրկացնելու անբարոյ ընթացքը։
Աշխարհի տարածքին, մասնաւորաբար Ամերիկայի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, ցեղերու հաւասարութիւնը եւ ազատութիւնը յատկանշող “Ցեղային Դեմոկրասի”ն, կամ սեւամորթներու զարթօնքին համար ազատագրական պայքարը իր զարգացման հոլովոյթը ապրեցաւ, ըլլա՛յ ըմբոստական շարժումներով, ըլլա՛յ խաղաղ միջոցներով։ Սրտայոյզ ու լուռ երթերով…:
20-րդ դարու սկիզբներուն, 1916-ական թուականներուն, սեւամորթներու մարգարէն համարուող Մարքոս Կարվի (1867-1940), որ ջերմեռանդ հաւատացողը ըլլալով սեւամորթներու համախմբումով անոնց ներկայացնելիք համաշխարհային մեծ ուժին՝ 1916-ին կը հիմնէր “Սեւամորթներու Բարելաւման Համաշխարհային Ընկերակցութիւնը” (U.N.I.A.):
Մարքոս Կարվիի շարժումը, եթէ մէկ կողմէ ծառայեց սեւամորթներու ազգային ինքնաճանաչման գծով անոնց ցեղային հպարտութեան աճումին, միւս կողմէ իբր արմատական պատգամախօս յաջողեցաւ աշխարհի աւելի քան 400 միլիոն սեւամորթները նոյն դրօշին տակ համախմբելու ազգային իտէալին մէջ։ Իտէալ մը, որ իրեն համար նպատակ ունեցաւ բարելաւել սեւամորթներու կեանքը, բարձրացնել անոնց հոգե-մտաւոր մակարդակը եւ տա՛լ ընկերային–քաղաքական պայքարի երազը՝ յանուն ցեղային արժանապատուութեան եւ արժանաւորութեան նուաճման եւ պահպանման։ Սեւամորթ զանգուածները հետեւեցան իրենց Ռահվիրային ուղիին, որ խիզախօրէն բացաւ ան իրենց առջեւ եւ իրմով սկսած աւանդութիւնները շարունակուեցան յետագային լայն ծաւալ ստացած ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարներով, Ամերիկայի թէ Ափրիկէի մէջ։ Մեծ եղաւ Մարքոս Կարվիի ազդեցութիւնը իր յետնորդներուն վրայ։
Ամերիկայի մէջ ցեղային արդարութեան հաւատալով, Կանտիի հետեւողութեամբ “Խաղաղ Յեղափոխութիւնը” յաջողցնող մեծ Առաքեալ մը եղաւ Մարթին Լութեր Քինկ (1929-1968), որուն պայքարը եթէ մէկ կողմէ յաջողութեամբ պսակուելով քաղաքացիական հաւասարութեան բազմաթիւ իրաւունքներ նուաճեց սեւամորթներուն համար, միւս կողմէ՝ ան իր կեանքը տուաւ “Ո՛չ բռնութեամբ սիրոյ եւ բարոյական քաջութեամբ վայրագ ցեղապաշտներու վրայ յաղթանակ տանելու” հաւատաւոր տեսիլքով՝ 4 Ապրիլ, 1968-ին, իր ցեղային արդարութեան սկզբունքին հակառակորդ ցեղամոլ ոճրագործներուն կողմէ։
Ամերիկայի աւելի քան քսան միլիոն սեւամորթներու ազգային–քաղաքական ճակատագրի յեղաշրջման մէջ, առաքելական եւ հերոսական դերակատարութիւն կատարած Մարթին Լութեր Քինկի երազն էր “Ամերիկա մը առա՛նց ցեղային պատնէշներու”: Այդ երազին մասին Մարթին Լութեր Քինկ խօսած է իր ամէնէն նշանաւոր ճառը, Երկու հարիւր հազար բազմութեան առջեւ, 28 Օգոստոս, 1963-ին, Ուաշինկթընի “Լինքընի Յուշարձանին” առջեւ։ Ճառէն տարի մը ետք, սեւամորթներու հոգեւոր Առաջնորդը արժանացած է “Նոպելեան Խաղաղութեան Մրցանակին:
Երազը իբր ճառ, որ ունէր սեւամորթ ծեր հոգեւորի մը խօսքին բառերը, որպէս բնաբան. «Ազատութիւն վերջապէս։ Ազատութիւն վերջապէս։ Շնորհակալութիւն ամենազօր Տէր, մենք վերջապէս ազատ ենք», ո՛չ միայն դասական արժէքով ցեղային արդարութեան եւ հաւասարութեան հայեացքներու խտացումով իսկական պատգամ մըն է մարդկութեան ուղղուած, այլեւ՝ հարուստ ոգեկանութեան մը վկայութիւնը։ Ամէն կարգի օրէնքի եւ տարրի պարունակութենէն վեր, այդ ոգեկանութեան բացակայութեամբ է, որ ցեղային խտրականութեան ախտագին հոգեբանութեամբ վերաբերացաւ ամերիկայի սպիտակ բնակչութիւնը։
«Կ՚երազեմ, որ օր մը Ճորճիա նահանգի կարմիր բլուրներուն վրայ, նախկին ստրուկներու զաւակները եւ նախկին ստրկատէրերու զաւակները պիտի նստին միասին եղբայրութեան սեղանին շուրջ։ Կ՚երազեմ, որ օր մը նմանապէս Միսսիսիփի նահանգը, անարդարութեան եւ ճնշումի տաքով հրահրուած նահանգը, պիտի վերածուի արդարութեան եւ ազատութեան ովասիսի մը։
Կ՚երազեմ, որ իմ չորս զաւակներս օր մը պիտի ապրին երկրի մը մէջ, ուր՝ անոնք պիտի չդատուին իրենց մորթին գոյնով, այլ՝ իրենց նկարագրին յատկանիշներով։
Կ՚երազեմ, որ օր մը հո՛ն, Ալապամայի մէջ, իր ատելավառ ցեղամոլներուն հետ, իր կառավարիչին հետ, որուն շրթներէն կը հոսին ոչնչացման եւ միջամտութեան թունաւոր բառերը, որ օր մը հո՛ն, Ալապամայի մէջ, փոքր սեւ տղաներ եւ փոքր ճերմակ աղջիկներ պիտի երկարեն իրենց ձեռքը փոքր ճերմակ տղաներու եւ փոքր սեւ աղջիկներու՝ եղբայրներու եւ քոյրերու պէս»:
Այս երազը տեսլապաշտի իր հոգիին մէջ, Մարթին Լութեր Քինկ դարձաւ զոհը, վաղաժամօրէն, ցեղային խտրականութեան կոյր մոլեռանդութեամբ կառչած ահաբեկիչներուն։
Մինչ Ամերիկայի մէջ պետական մակարդակի վրայ ցեղային խտրականութիւնը, աւելի քան դար մը տեւած պայքարներէ ետք գրեթէ՛ վերացուած է, ցեղային հաւասարութիւնը որդեգրած օրէնքներով եւ ամերիկեան ընկերութեան մէջ ցեղային խտրականութիւնը կը հրահրուի աւելի շատ սպիտակներու ծայրայեղ ցեղամոլներուն կողմէ պարզապէ՛ս, բոլորովին տարբեր է Հարաւային Ափրիկէի իրականութիւնը, ուր ցեղային խտրականութիւնը ամէնէն բիրտ եւ վայրագ եղանակներով կը կիրարկուի բնակչութեան փոքրամասնութիւնը կազմող սպիտակ ընկերութեան եւ պետութեան կողմէ միասնաբար եւ հաւասարապէս։
1948-էն ի վեր Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը կը ղեկավարուի սպիտակ փոքրամասնութեան կողմէ, որ բռնարարք ներու միջեւ ո՛չ մէկ տարբերութիւն դնող ցեղային խտրականութեան քաղաքականութիւնը կը կիրարկէ, աշխարհը զարմացնող անմարդկայնութեամբ մը։
Հարաւային Ափրիկէի մէջ ցեղային խտրականութեան առնչութեամբ տիրող կացութեան տարօրինակութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ բնակչութեան մեծամասնութիւնը (75 առ հարիւր) սեւամորթներէ կը բաղկանայ, որոնք ենթակայ մնալով ամէնէն ծանր ճնշումներու՝ ստրկացուած են սպիտակամորթներու եւ անոնց կառավարութեան կողմէ։ Հարաւային Ափրիկէի սեւամորթները զրկուած ապրեցան ու կ՚ապրին քաղաքացիական եւ մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքներէն։ Ամէն առանձնաշնորհում պետական եւ հանրային մակարդակի վրայ վերապահուած է սպիտակամորթներուն։ Անոնք, ահաւոր խտրականութեամբ եւ ատելութեամբ չարաչար կը գործածեն իրենց առանձնաշնորհումները, նուազագոյն մարդկային եւ ընկերային բարիքներէ հեռու պահելով երկրին սեփականատէր բնիկ սեւամորթները։ Այն բոլոր վայրերէն ներս, ուր սպիտակամորթներով բնակուած է, սեւամորթներու մուտքը ո՛չ միայն արգիլուած է, այլեւ՝ արտօնուած է սպիտակամորթներուն առանց ուրիշ որեւէ պատճառի սպաննել սեւամորթները։ Քաղաքացիական իրաւունքներու կարգով սեւամորթները նոյնիսկ խառնածիններէ եւ
Հնդիկներէ վերջ կու գան։ Հարաւային Ափրիկէի բնակչութեան 25 միլիոնը սեւամորթներ, 5 միլիոնը սպիտակամորթներ, 3 միլիոնը խառնածիններ եւ 1 միլիոնը հնդիկներ են։
Սեւամորթները իրենց բնական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ձեռք բերման համար դիմեցին պահանջատիրութեան խաղաղ պայքարին։ Փրեթորիայի կողմէ իրենց խաղաղ պահանջատիրութեան նկատմամբ քար անտարբերութիւնն ու անտեսումը զիրենք առաջնորդեցին զինեալ մարտնչումներու:
Փրեթորիան՝ սանձելու եւ խեղդելու համար ազատութեան ամէն ձգտում, ո՛չ միայն արգիլած է սեւամորթներու համար քաղաքական որեւէ կազմակերպութեան արտօնութիւնը, այլեւ՝ հալածելով արգելափակած է սեւամորթները քաղաքական եւ ազգային արթնութեան առաջնորդող ղեկավարները։
Հարաւային Ափրիկէի ցեղային խտրականութեան դէմ քաղաքական պայքարի խորհրդանիշը հանդիսացած է Նելսըն Մանտելա, որ 1914–ին Ափրիկէի Ազգային Համագումար կուսակցութեան շարքերէն ներս մտնելէ ետք, երբ խաղաղ միջոցներու պահանջատիրութիւնը չ՚արդիւնաւորուիր եւ 1912–ին հիմնուած Ափրիկէի Ազգային Համագումար կուսակցութիւնը կ՚արգիլուի, Նելսըն Մանտելա կ՚անցնի ընդյատակեայ զինեալ պայքարի։ 5 Օգոստոս 1962-ին ձերբակալուելէ ետք, 12 Յունիս 1964-ին կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան եւ 27 տարի Նելսըն Մանտելա ցեղային խտրականութեան բանտին մէջ տուայտելէ եւ հոնկէ հոգեկան բարձր կորովով ա ազատագրական պայքարը առաջնորդելէ ետք, 1989 Փետրուար 11–ին, 71 տարեկան հասակին ազատ կ՚արձակուի բանտէն՝ համաշխարհային հանրային կարծիքի եւ աշխարհի հոգեւոր եւ քաղաքական բարձրագոյն հեղինակութիւններու ճնշումին տակ, երբ մանաւանդ ցեղային խտրականութեան մոլեռանդ եւ բռնատէր իշխանաւոր՝ Փիեթըր Պոթայի իշխանութենէն հեռացումէն ետք, Ֆրետիրիկ Քլէրք կ՚ընտրուի նախագահ։
Նելսըն Մանտելա բանտէն արձակուելէ ետք, շրջեցաւ աշխարհի մեծագոյն եւ կարեւոր ոստանները։ Ուր որ հանդիպեցաւ՝ ընդունուեցաւ բացառիկ ջերմութեամբ եւ սիրազեղ համակրանքով։ Ան այսպէս բանաձեւեց ցեղային խտրականութեան դէմ իր եւ իր ետեւէն քալող ծովածաւալ սեւամորթ զանգուածներուն պայքարի նպատակէտը. «Զինեալ պայքարը կառավարութեան կողմէ պարտադրուեցաւ մեզի։ Եթէ կ՚ուզեն, որ մենք վերջ տանք մեր պայքարին, գնդակը իրենց դաշտին մէջ կը գտնուի։ Պէտք է ընդունին մեր օրինականութիւնը, մեզի հետ պէտք է վարուին իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւն եւ բանակցին։ Մինչ այդ, մենք պիտի շարունակենք մեր զինեալ պայքարը։ Անիմաստ է միայն բանակցիլ։ Կառավարութեան ճնշումի լծակը անհամեմատօրէն ծանրացուց»:
Նելսըն Մանտելայի՝ Հարաւային Ափրիկէի ցեղային խտրականութեան դէմ՝ աննկուն եւ անընկճելի կամքի տէր ղեկավարին երկարաշունչ եւ անդադրում պայքարը բոլորովին ապարդիւն չմնաց։ 1990, Օգոստոսին, 1948-էն ի վեր Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան իշխանութեան գլուխ գտնուող սպիտակամորթներու Ազգային կուսակցութիւնը, Տիւրպանի մէջ գումարած տարեկան համագումարին ընթացքին, նախագահ Ֆրետիրիկ
Քլէրքի կողմէ կը յայտարարուի համագումարին կողմէ որդեգրուած բարեկարգութեան հետեւեալ բանաձեւը. «Այսուհետեւ Ազգային կուսակցութիւնը կը մտածէ, որ պէտք է հիմերը նետուին ցեղային տարբեր համայնքներու գործակցութեան։ Ազգային նոր սահմանադրութեամբ բոլոր հարաւային ափրիկեցիներու իրաւունքները ընդունուին ու ճանչցուին բոլոր մակարդակներու վրայ կառավարութեան մասնակցութեան, իշխանութիւնը բաժնելով բոլորին միջեւ, առանց որեւէ փոքրամասնութեան վրայ տիրակալութեան ձգտումին»:
Չի՛ բաւեր միայն սահմանադրութեամբ եւ բարեկարգութիւններով վերացնել փորձել ցեղային խտրականութիւնը եւ նետել ցեղային համայնքներու միջեւ գործակցութեան հիմերը։
21-րդ դարու սեմին այդ հիմերը պէտք է խարսխուին հոգիներէն ներս, որպէս Աստուծոյ կողմէ նոյն արեան շաղախին մարդկային ժառանգորդները եւ 21-րդ դարու համար կերտեն ընկերութիւն մը, ուրկէ ամբողջովին ջնջուած ըլլայ ցեղային խտրականութիւնը, իբրեւ մարդկային արժանապատուութեան ամօթալի եւ նսեմացուցիչ խարանը եւ Աստուծոյ զաւակները մարդկային ընկերութեան մէջ չզատորոշուին եւ չարժեւորուին՝ իրենց մորթին գոյնով, այլ՝ հոգեկան, իմացական, մարդկային առաքինութիւններով եւ արժէքներով։ Ցեղային ճշմարիտ արդարութեա՛մբ…

1 Սեպտեմբեր, 1990

ՄԱՐԹԻՆ ԼՈՒԹԵՐ ՔԻՆԿ
[1929-1968]

«Կ՚երազեմ, որ իմ չորս զաւակներս օր մը պիտի կարենան ապրիլ երկրի մը մէջ, ուր՝ անոնք պիտի չդատուին իրենց մորթին գոյնով, այլ՝ իրենց նկարագրին յատկանիշներով»։
Մարթին Լութեր Քինկ

Վսեմ ու մեծ հոգիներն են, որ ի վերուստ սահմանուած կոչումի մը ընդառաջումով, հոգեբարոյական իրենց ուժերը կը լարեն եւ հաւատաւոր ինքնանուիրումով կը նետուին պայքարի ասպարէզ՝ ի խնդի՛ր ազգային, ընկերային կամ համամարդկային տեսլականի մը նուաճման։ Նման, մեծ ու վսե՛մ հոգիներու աչքին, մահը չ՚երեւար իբրեւ ահեղ ուրուական։ Կը պարտուի ան, զինք արհամարհող նայուածքին կորովաբիբ սաստէն։ Նպատակին ազնուութիւնը եւ տեսլականին ընդհանրականութիւնը կ՚առաջնորդէ հալածեալի տառապանքին։ Զրկանքն ու ճնշումը առաւել եւս կ՚ամրացնեն հաւատքը՝ տառապող եւ ճնշուած հոգիներու փրկութեան ի խնդիր։
Մահը անգամ մը եւս պարտուեցաւ, երբ Ամերիկեան աշխարհի մեծ ու վսեմ հոգիներէն, կամ 20-րդ դարու հոգեւոր առաջնորդի ինքնուրոյն, բացառիկ տիպարներէն՝ Մարթին Լութեր Քինկ 1968-ին, 39 տարեկանին կը սպաննուէր բեռնակիրներու եւ աղբահաւաքներու ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած ցոյցի մը ընթացքին։ Մահէն անդին գաղափարները կ՚ապրին մարդուն եւ կեանքին համար…։
Մարթին Լութեր Քինկ կ՚ապրի ո՛չ միայն իր գաղափարներու ոգեղէն աշխարհով, որ ցեղային ու ընկերային արդարութեան առաջնորդող պայքարի ճանապարհ է, այլեւ՝ իր կեանքի ներշնչո՛ղ, կենդանութիւն տուող օրինակով…։
Զգետնուա՜ծ, բայց չպարտուա՛ծ կեանքի տիպարային օրինակը երիտասարդի մը, որ ապրելով իր սեւամորթ ցեղակիցներուն պարտադրուած անհաւասարութեան դառնութիւնը. կրած ամէնօրեայ անիրաւութիւններուն մղկտացնող կսկիծը. անոնց ենթարկուած ճնշումներուն եւ զրկանքներուն խոցոտող վերքը սրտին՝ նուիրուեցաւ Նուիրական Դատի մը։ Արդարութեան յաղթանակին տրամադրեց իր երիտասարդ կեանքը…: Ապրեցաւ երազի մը համար, որ իր չորս զաւակներուն հետ բոլոր սեւամորթ զաւակները ամերիկեան ցամաքամասին «չդատուին իրենց մորթին գոյնով», ա՛յլ՝ հասակ նետեն ու ծաղկին մարդկային արդար իրաւունքին շնորհած արժանաւորութեամբ: Իր` բազմութեան ուղղուած խօսքերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր ան. «Այսօր ու վաղը մենք պիտի դիմագրաւենք բազմապիսի դժուարութիւններ։
Բայց ես տակաւին ունիմ երազ մը։ Անիկա ա՛յն երազն է, որ խորապէս մխրճուած է ամերիկեան երազին արմատներուն մէջ»:
Կեանքի օրինակը հոգեւոր ճշմարիտ առաջնորդի մը, որ ո՛չ միայն քրիստոնէութիւնը հաւատքի խորունկ համոզումներու վերածած ապրեցաւ, այլեւ՝ անոր ճշմարտութիւններուն կենսունակութեամբ գործեց կեանքի մարդկային եւ ընկերային հրամայականներուն ընդառաջելով խիզախօրէ՛ն։ Երբ աղօթեց իր մենութեան եւ խոկումի պահերուն, աղօթքը միայն աղօթքի բանաձեւ չէր եւ ո՛չ ալ միայն իր անձին փրկութեան համար. ա՛յլ՝ իր միլիոնաւոր հետեւորդներուն ճակատագիրը յեղաշրջելու միտող ազատագրութեան ներքին ճիչ էր։ Մարթին Լութեր Քինկ
20-րդ դարու դրապաշտ եւ օգտապաշտ իրականացումներու այլասերող պայմաններուն մէջ, իրականութենէն անդին հայող տեսլապաշտ հոգիով հաւատքի տէր մարդու եւ հոգեւոր առաջնորդի հմայիչ տիպարը դարձաւ։ Կրօնական հաւատքի շաւիղով հաւատաց իր ցեղային դատին եւ անոր յաղթանակին։
Հոգեւոր առաջնորդի լոյսը արտաքին ու ներածուած չըլլալով ներսէն բխելուն, յաջողեցաւ Մարթին Լութեր Քինկ ճանապարհ բանալ եւ իր լոյսով առաջնորդել զանգուածները դէպի իրենց երազին իրականացումը։ Ա՛յդ, հազուադէպօրէն գոյութեան կոչւող լոյսին շնորհիւ է, որ ընկերութիւնը եւ կրօնքը ներդաշնակուեցան իր հոգեւոր առաջնորդի գործունէութեան մէջէն։ Ու եթէ այդքան մեծաթիւ զանգուածներ կախարդուելով մագնիսացան իր խօսքէն. շարժեցան ու հեղեղի նման հոսեցան իր շունչէն. վարակուելով իր ազգային ու հոգեւոր հաւատքէն հետեւեցան իր ուղիին, որովհետեւ Մարթին Լութեր Քինկի հոգեւոր կերպարին, քարոզիչին խօսքին եւ առաջնորդի գործին մէջէն հաստատեցին 20-րդ դարու Առաքեալի մը հաւատաւորութիւնը եւ վաւերականութիւնը: Շունչին, խօսքին, հաւատքին, գործին հմայիչ եւ համաձոյլ ներդաշնակութենէն սարսափողներն են, որ դարձան իր թշնամիները,– պետական եւ ժողովրդական ցեղապաշտ ձգտումներով առաջնորդուող շրջանակներու, եւ ոճրապարտ ձեռքերով մաքրագործեցին զինք այդքան երիտասարդ տարիքին, գազանօրէն կտրելով իր ժողովրդանուէր կեանքին լուսացայտ թելը…, անոր անձին մէջ տեսնելով իրենց քաղաքական թշնամին…։
Իր մահո՛վ, Մարթին Լութեր Քինկ նուիրագործեց առաքելական այն անստուեր ճշմարտութիւնը, որ ճշմարիտ առաքեալները անո՛նք են, որոնք իրենց անձնական սիրելի ու թանկագին կեանքը իբր գին կը վճարեն իրենց “Հաւատոյ Հանգանակին”…։
Ամերիկայի մէջ ցեղային դեմոկրասիի իր պայքարին համար Մարթին Լութեր Քինկ՝ իբր Ոգիի եւ աշխարհահայեացքի յաջորդականութիւն եւ հետեւողականութիւն՝ ներշնչման տիպարներ ունեցաւ «Ոչ Վայրագութեան» երկու խորհրդանիշ ուսուցիչներ՝ Քրիստոսն ու Կանտին։ Առաջինին հոգեղէն զէնքով սպառազինուած՝ թշնամիներն անգամ սէրով ընկճելու՝ երկրորդին՝ խաղաղարար ուժով մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու քաղաքականութիւնը որդեգրած՝ քալեց ամբոխներուն առջեւէն, հոգին ու կեանքը ըրած դաշտ անոնց խաղաղ երթերուն համար, դէպի արդարութեան հորիզոնները եւ ազատութեան արշալոյսը…. «Ազատութիւն վերջապէս, ազատութիւն վերջապէս»։
Դժուար առաքելութեան մը ուղեւորութեան կոչուած ամերիկեան ընկերութեան մէջ. «Ոչ Վայրագութեան» գաղափարին հետեւորդն ու հոգեւոր առաջնորդը, իր գործունէութեան առաջին հանգրուանին իսկ, կը բաղխէր ու կը դիմագրաւէր ներքին ու արտաքին հակընդդէմ կացութիւններ՝ իրարմէ տարբեր ձգտումներով։ Ներքին մարզէն ներս իր ցեղակից սեւամորթներուն մինչեւ օրս տակաւին շարունակուող վայրագութեան բնազդներով առաջնորդուող բիրտ արարքներու յաղթահարումն էր՝ զանոնք իտէալի մը ազնուութեան կոչող առաջնորդի բարոյացուցիչ կեցուացքով։ Իր «Ոչ վայրագութեան», այլ՝ սիրոյ եւ եղբայրութեան վարդապետութիւնը, նախ քարոզեց եւ ընդհանրացուց ամերիկեան ընկերութեան սեւամորթ զանգուածներուն մօտ, որոնք համակուելով իրենց խաղաղապաշտ առաջնորդին գաղափարներէն եւ համոզուելով անոր կեանքի ըմբռնումներուն՝ լուռ, հաւատարիմ եւ հոգեփոխուած հետեւորդները դարձան իրենց ցեղային արժանապատուութեան տիրացման ձգտող “խաղաղ երթեր”ուն…։ Հազարաւորներ մասնակցեցան Մարթին Լութեր Քինկի կազմակերպութեամբ եւ առաջնորդութեամբ երթերուն։ Իր անձէն եւ անհատականութենէն բխող հոգեղէն զօրութեամբ ո՛չ միայն հոգեփոխեց, այլեւ յեղաշրջում առաջացնելով իր հոգեւոր յեղափոխութիւնը կազմակերպեց՝ ի գին անասելի վիրաւորանքներու, տգէտ վարմունքներու, ամբոխային հակազդեցութիւններու՝ սեւամորթներու քաղաքացիական իրաւունքներու ապահովման համար։ Հոգեւոր եւ խաղաղ յեղափոխութեամբը իր ցեղակիցներուն՝ քաղաքական ազդու եւ ուժեղ գործօններու դէմ դիմադրեց…: Այս իսկ էր «Ոչ վայրագութեան» ըմբռնողութեան գտած ժողովրդականութիւնն ու յաջողութիւնը, եւ Մարթին Լութեր Քինկի ամերիկեան ընկերութեան վրայ տարածուող հեղինակութեան ու ազդեցութեան գաղտնիքը…:
Շատ աւելի դժուար, հերոսական էր Մարթին Լութեր Քինկի դիմագրաւած բիրտ հակազդեցութիւններու դաժան ընդդիմութիւններու կացութիւնները՝ արտաքին մարզէն ներս։ «Ոչ Վայրագութեան» կանտիական փիլիսոփայութեամբ «Խաղաղ Յեղափոխութեան» Մարթին Լութեր Քինկի հոգեբարոյական շարժումն ու պայքարը իր ընկերային ձգտումներուն համար քաղաքական գունաւորումով զրպարտած ամերիկեան ընկերութեան ցեղապաշտ շրջանակները, զայն բուռն եւ անխնայ թիրախը դարձուցին իրենց անզուսպ կատաղութեան, հալածանքին եւ դաւադրութիւններուն։ Բայց, ի՛նչ որ զինք անյողդողդ պահեց, մինչեւ վերջ, իր քրիստոնէական հաւատքին զօրութեան հետ, սէրով հակառակորդը ընկճելու եւ յաղթելու ներքին համոզումն ու վճռականութիւնն էր։ Մշտապէ՛ս իր արարքները վերատեսութեան ենթարկելով ներքին ճշմարտութիւններուն հաշտեցնող ինքնաքննութեամբ…։
Բանտը, հալածանքը, մնայուն կերպով իրեն հետեւող լրտեսական ստուերները Մարթին Լութեր Քինկ դիմագրաւեց հոգեկան արիութեան հետ՝ յոյսին լապտերով…։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն ան այսպէս կը գրէր. «Ամերիկայի մէջ սեւամորթ ըլլալ, կը նշանակէ յուսալ, դարձեա՛լ յուսալ»:
Չտկարացաւ, չընկրկեցաւ իրեն դէմ ուղղուած քաղաքական հալածանքներուն ահաւորութենէն…։ Անոնց դէմ իբր դիմադրութեան եւ պաշտպանութեան զէնք գործածեց հոգի՛ն, սէրը, խաղաղապաշտ ոգորումը: Բռնաւոր եւ արիւնաթաթախ զէնքին վճռեց յաղթել հոգիի զէնքով. «Ոչ վայրագութեան» միջոցառումներով։
Բանտի չարչարագին խուցէն արձակեց իր ճիչը, որ կը բանաձեւէր ի՛ր եւ իր ցեղակիցներուն իրաւազրկումներէն ծնած ազգային երազին պատգամը։ Պատգամաբեր երազ մը, որ կը պատկերացնէր Ամերիկան՝ «առա՛նց ցեղային պատուարներու»։
«Կ՚երազեմ, որ օր մը Ճորճա նահանգի կարմիր բլուրներուն վրայ, նախկին ստրուկներու զաւակները եւ նախկին ստրկատէրերու զաւակները պիտի նստին եղբայրութեան սեղանին շուրջ։
Կ՚երազեմ, որ օր մը նմանապէս Միսսիսիփի նահանգը, անարդարութեան եւ ճնշումի տաքով հրահրուած նահանգը, պիտի վերածուի արդարութեան եւ ազատութեան ովասիսի մը։
Կ՚երազեմ, որ իմ չորս զաւակներս օր մը պիտի ապրին երկրի մը մէջ, ուր՝ անոնք պիտի չդատուին իրենց մորթին գոյնով, այլ՝ իրենց նկարագրին յատկանիշներով։
Կ՚երազեմ, որ օր մը հո՛ն, Ալապամայի մէջ, իր ատելավառ ցեղամոլներուն հետ իր կառավարիչին հետ, որուն շրթներէն կը հոսին ոչնչացման եւ միջամտութեան թունաւոր բառերը, որ օր մը հո՛ն, Ալապամայի մէջ, փոքր սեւ տղաներ եւ փոքր ճերմակ աղջիկներ պիտի երկարեն իրենց ձեռքը փոքր ճերմակ տղաներուն եւ փոքր սեւ աղջիկներուն՝ եղբայրներու եւ քոյրերու պէս»:
Բռնութեան, բիրտ ու վայրագ արարքներու «Ոչ վայրագութիւն»ը հակադրող Մարթին Լութեր Քինկ, կը հաւատար, որ՝ բռնամիջոցներու ընթացքին (արիւնոտ յեղափոխութիւնները աչքի առաջ ունենալով) ինչքա՜ն գեղեցկութիւններ եւ գեղեցիկ բաներ կը կործանին ու կ՚անհետանան, նոյնիսկ եթէ անոնք ծնունդ կու տան նաեւ նոր իրագործումներու։ Այս ըմբռնումով եւ կեցուածքով ալ, 20-րդ դարու “գիտայեղափոխական” նուաճումները ընդունելով եւ գնահատելով հանդերձ՝ հոգեկան եւ բարոյական արժէքներն ալ կը ցանկար գիտա-յեղափոխական նուաճումներու մակարդակին տեսնել։ Այդ մարզէն ներս նահանջը անընդունելի էր իրեն համար։
Մարթին Լութեր Քինկի երազը եթէ լրիւ չիրականացաւ, բայց սեւամորթներու համար լի-իրաւ քաղաքացիութեան, համահաւասար իրաւունքներու սկզբունքներ որդեգրուեցան ամերիկեան ընկերութեան մէջ՝ շնորհիւ արտաքին թէ ներքին ճակատներու վրայ անոր ծաւալած Խաղաղ Պայքարին, որուն՝ իր անձին հմայքով, խօսքին անկեղծութեամբ եւ գործին հետեւողականութեամբ մասնակից դարձուց իր միլիոնաւոր համախոհները։ Ու այսօր 20 միլիոնէ աւելի սեւամորթներու ճակատագիրը հիմնովին յեղաշրջուած է։ Յաղթած է Մարթին Լութեր Քինկի խաղաղասիրական պայքարը՝ ի խնդիր անիրաւուած փոքրամասնութեան մը ազգային ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Հաւատքի երկիւղածութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ շարժումին ազգային մեծ ղեկավարը հանդիսացաւ Մարթին Լութեր Քինկ, որ քսաներորդ դարու արձանագրած Հոգեւոր Հերոսներու, ընտրեալներու յաւիտենականութեան մէջ կը շարունակէ ապրիլ։

29 Հոկտ., 1990

 

ՄԱՐԴԸ, ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՇՐՋԱՊԱՏԸ

«Մի՛ սպաննէք ուրիշ մարդ մը։ Մի սպաննէք, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդկային կեանք հասարակաց ժառանգութիւն մըն է բոլոր մարդերուն։ Մի՛ սպաննէք փճացնելով տարբեր եղանակներով ձեր շրջապատը։ Այդ շրջապատը կը պատկանի բոլոր մարդերու հասարակաց ժառանգութեան, ոչ միայն անցեալ եւ ներկայ սերունդներուն, այլեւ՝ ապագայ»։
ԺԱՆ – ՓՈԼ Բ. ՊԱՊ

«Նոյնիսկ այս օրերուն յաճախ խօսակցութեան նիւթ դարձող միջավայրին (Էքօլոժիկ) մտահոգութիւնները ըստ էութեան միջավայրային հարցեր չեն, այլ դարձեալ մարդու կոչումին խաթարման հետեւանքներն են։ Այո՛, միջավայրը իր ջուրերով, հողով, անտառներով ու բնութեամբ կ՚ապականի, երկրագունդը պահող դրութիւնները կը խախտին մեծապէս վտանգելով երկրագունդին գոյատեւումը՝ երբ մարդը փոխանակ պահպանելու երկրագունդին հարստութիւնները զանոնք իր սեփական հաճոյքին ու շահին համար կ՚օգտագործէ»։
ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՔԵՇԻՇԵԱՆ
(Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց)

Մարդու գոյապահպանումը կեդրոնական հարցը տիեզերքին՝ ծագումէն ասդին տիեզերքին եւ մարդուն տագնապեցուցած է լրջօրէն մարդկութիւնը։ Որքա՜ն ալ այսօր տիեզերքին մարդոցմով խտացումը [1990-ական թուականներուն աշխարհի բնակչութիւնը կը հաշուէ 5,3 միլիառ. 2000-ին 6,3 միլիառի կը հասնի] եւ աճին արագ կշռոյթը կը ճնշէ իր գերաճին տարողութեամբը՝ սակայն, մարդուն իր ծագումով նախասահմանուած արարչական կոչումը, որ աստուածային կամքով արձանագրուելով մարդկութեան պատգամուած է Հին Կտակարանի «Ծնունդք» գլուխին տակ, հետեւեալն է. «Եւ օրհնեաց զնոսա Աստուած եւ ասէ, Աճեցէք եւ բազմացարուք եւ լցէք զերկիր, եւ տիրեցէք դմա, եւ իշխեցէք ձկանց ծովու եւ թռչնոց երկնից եւ ամենայն անասնոց եւ ամենայն երկրի եւ ամենայն սողնոց որ սողին ի վերայ երկրի»։
Կեանքը իր զարգացման անհեթեթ հակադրութեամբը տիեզերական ու աստուածային այս օրէնքին՝ մարդու ապագայ բարօր կեցութեան, պաշտպանութեան եւ գոյապահանման մտահոգութեամբ կը փորձէ հակակշռել ծնունդներու քանակը, սահմանափակելով աճին տարողութիւնը։ Իր քանակին գերակշռութեամբ ալ մարդը մարդկային ընկերութիւնը դրած է ահազանգի դրութեան մէջ՝ բնակեցման, սննդառման եւ այլ կարգի պահանջքներուն եւ կարիքներուն գոհացման եւ հայթայթման տեսակէտով։
Երկրագունտին երկրային տարածութիւնը, յատկապէ՛ս գերբնակուած քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ, անբաւարար պիտի դառնայ ըստ ապագայագէտներուն, որոնց նախատեսութեամբ.
«Հարիւր տարի չանցած պարզապէս ոտք դնելու տեղ չ՚ըլլար։
Երկիրը համատարած մարդկային մրջնանոց կը դառնայ։ Եթէ մարդկութիւնը չ՚ուզեր շնչահեղձ ըլլալ, ապա ուրեմն պէտք է կենսական նոր ոլորտներ փնտռէ, ընդլայնէ մարդոց համար բնակելի աշխարհը»։
Մարդկային գերաճին առաջացնելիք հետագայ խճողումը քաղաքներու մէջ ծնունդ տուած է գիտա-ֆանդաստիկական երեւակայութեամբ պատկերացումներու, ըստ որոնց մարդիկ ոտքի կանգնած վիճակին մէջ պիտի մատնուած ըլլան այն կացութեան, ինչ որ կ՚ըլլայ “սարտինի տուփի” պէս լեցուած, ծանրաբեռնուած “Պաս”երու մէջ…: Այս ընթացքով դժուար չէ պատկերացնել ապագայ ընկերութեան մէջ մարդուն շնչահեղձութեան աստիճան սահմանափակ տարածութեան մէջ ապրելու եւ շնչելու պայմանները…: Բնականաբար կարելի չէ հաշտուիլ այսքան նեղ ոլորտի մէջ մարդուն կծկումին հետ, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է ազատ թռիչքի, բաց հորիզոններու ընդգրկումին եւ լայն տարածութիւններու շնչառութեան համար…։ Իր բնութեամբ եւ բնոյթով մարդը անսահմանափակ էակ է…։ Տիեզերական թռիչքներու եւ նուաճումներու ատակ կարելիութիւններու տէր կարողականութեամբ։
Ահա թէ ինչու մարդուն ապագայով մտահոգ ապագայագէտներն ու գիտական շրջանակները մարդը փրկելու համար նեղ շրջագիծի անշնչելի կծկումներէն, կ՚որոնեն բնակութեան նոր տարածութիւններ, նոր կենսոլորտներ, նոր աշխարհներ: Ըլլան անոնք ովկիանոսներու եւ ծովերու յատակը կառուցուելիք քաղաքներու նախագիծեր, անմարդաբնակ անապատներու բնակեցումներ թէ նուաճումի թիրախ արեգակնային համակարգութեան այլ մոլորակներ…: Ապագայագէտ Ալեքսանդր Գորբովսկի «2000 թուականը եւ յետոյ» գիրքին մէջ մարդկային գերբնակութեան տեղաւորման համար հետեւեալ նախատեսութիւնը կը կատարէ.
«Թէեւ, պէտք է ասել, որ վերջին տարիներին որոշ խտաբնակ երկիրներում մշակւում են ծովում պեթոնէ ցցերի վրայ բնակելի զանգուածների եւ նոյնիսկ քաղաքների շինարարութեան նախագծեր։ Երկրաչափները պնդում են, որ այդպիսի քաղաքներ կարելի է կառուցել ցանկացած տեղում, եթէ յատակը շատ խորը չէ եւ մակընթացութիւնը չափազանց բարձր չէ` հիւսիսային, Մեքսիքական, Պալթիկ, Ադրիատիկ եւ Սեւ ծովերում, Հարաւամերիկեան ծովեզերքին՝ Ռիօ տը Ժանէյրոյից մինչեւ Լա Պլատա։ Գիտելիքների եւ տեխնոլոգիայի ժամանակակից մակարդակը բաւական է արդէն հիմա ծովային քաղաքներ ստեղծելու համար։ Առաջին ծովային քաղաքը հաւանաբար կը կառուցուի Խաղաղ ովկիանոսում, Հավայան կղզիներից ոչ հեռու։ Այն կը յենուի 70 մեթր բարձրութեամբ եւ 27 մեթը տրամագծով պեթոնէ լողանների վրայ։ Լողանների մէջ ենթադրւում է տեղաւորել ելեկտրակայաններ, խմելու ջրի բաքեր, աղբամշակման սարքեր։ Քաղաքը կը կառուցուի մօտակայ տարիներին։ Այդպիսի մի քաղաք կը կառուցուի նաեւ Անգլիայի ափերից 25 ք.մ. հեռու։ Ոմանց համոզմամբ, եկող հարիւր ամեակում ջրի վրայ կառուցուած բնակավայրերում կ՚ապրի մոլորակի իւրաքանչիւր տասներորդ բնակիչը»։
Մարդը՝ բնութեան համայնական գեղեցկութեան մէջ անոր հոգեւոր անանջատ մէկ բեկորը որպէս՝ ամբողջացուցած է արարչական խորհուրդին գեղեցկութիւնը։ Մարդ-բնութիւն միասնութիւնը ներդաշնակ գոյակցութիւնը կազմած է տիեզերական կառոյցին՝ մարդը բնութեան համար, բնութիւնը մարդուն համար հայեցողութեամբ։ Որովհետեւ, մարդը բնութեան ստեղծագործութիւնն է, բնութիւնը՝ մարդուն։
Այս տեսանկիւնէն դիտելով կարելի չէ պատկերացնել մարդը առանց բնութեան։ Բնութիւնը խոր ակունքն է մարդուն ճշմարիտ ու հարազատ էութեան։ Բնութիւնը որպէս գեղեցկութեան եւ արարչութեան խորհուրդը շնչած է մարդու լինելութեան հետ։ Գեղեցկութիւնը որպէս երգ ու երանգ կ՚ապրի բնութեան մէջ՝ իր յաւիտենական հեւքով եւ թրթիռով։ Բնութեան հետ եւ բնութեան մէջ է, որ մարդ ամէնէն աւելի կը բացայայտէ իր բնական տարերքը, կը վայելէ ամբողջական ազատութիւնը, կ՚ապրի ստեղծագործ ուժերու կենդանութիւնը։
Գեղեցկութեան ներշնչարար հայրենիքն է բնութիւնը։ Ու ինչպէս ամէն գեղեցկութիւն ազգային նեղ պարունակի մէջ չի պարփակուիր, բնութիւնն ալ որպէս գեղեցկութեան բոլորանուէր մայրը՝ կը դիւթէ, կ՚առինքնէ մարդը առա՛նց ցեղի եւ դաւանանքի խտրականութեան։
Բնութիւնը ամէնէն աւելի կը շնչէ հողով։ Հողն ալ կը կենսաւորուի իր մէջ խրած արմատներով։ Առանց բարձրացող ծառին՝ արմատներ գոյութիւն չունին։ Ծառերը՝ բնութեան էութենէն ծնած շնչող բեկորներն են բնութեան։ Բնութիւնը հարուստ է, ե´րբ ծառերը որպէս կանաչ կանթեղներ կը լուսաւորեն զինք շրջապատող ոլորտները։
Հողին, բնութեան եւ անհունին հոգեպէս կապուած մարդը կարելի չէ պատկերացնել առանց ծառի եւ ծառին հետ հաստատած մտերմութեան։ Մարդը՝ բնութեան եւ հողին կապող ազդակ է ծառը։ Ինչպէ՛ս կենդանիներու հանդէպ ցուցաբերած իր սէրին մէջ, մարդը, անասունը դարձուցած է եղբայր, զաւակ, մայր՝ նոյնպէս ալ որդիական նուիրում ու սէր տածած է իր հողին վրայ աճած, կամ իր ձեռամբ աճեցուցած ամէն տունկի եւ ծառի հանդէպ։ Հայ ծաղկաբոյծի մը խոստովանութիւնը լաւագոյն վկայութիւնը կը կազմէ այս անբացատրելի սիրոյն եւ հոգեկան անիմանալի կապին. «Եկէք, նոր տնկիներ եմ բերել, հիմա ցոյց կու տամ… Այս ծառերը, – իմ զաւակներն են։ Ես նրանց անուններ եմ դրել՝ Անդրանիկ, Վարուժան, Զոհրապ, Սեւակ, Կոմիտաս, Վարդան, ՅովՀաննէս… Տեսէք, գրել եմ ծննդեան թիւերը։ Նրանց հետ ես յաճախ, երբ անքուն եմ լինում, զրուցում եմ, պատմում անցած տարիների իմ հոգսն ու ցաւը:
Այս ծառերն ու ծաղիկները իմ յիշատակը կը պահեն։ Ես հայրենիք, խաղաղ ծերութիւն ունեմ, ուրեմն իմ կանաչ ու դալար երազները կ՚ապրեն»:
Ներկայ քաղաքակրթութիւնը, որ հայ բանաստեղծին բնորոշումով (Համօ Սահեան) բարբարոս է, մարդը ոչ միայն կը հեռացնէ բնութենէն, ծառէն, իր բնական տարերքներէն եւ կենսունակութեան արմատներէն, այլեւ՝ կը դարձնէ թշնամի իր հոգիի բնօրրանին։ Բնութիւնը կանաչով զգեստաւորող, գեղեցկացնող ծառատնկումի հողահաճոյ արարքին փոխարէն՝ ծառ փճացնելու եւ հողը աւերելու բնազդը հետզհետէ հող կը շահի մարդուն բնութեան հանդէպ անխնայ ու վայրագ վերաբերումով եւ “բարբարոս” քաղաքակրթութեան յառաջացումով։ Քաղաքն ու քաղաքակրթութիւնը հսկայաքայլ յառաջանալով, ծաւալելով իրենց բիրտ ներբաններուն տակ սկսած են տրորել, ճզմել ու խեղդել գիւղ ու դաշտ, ծառ ու ծաղիկ, բոյս ու թուփ, անտառ ու կանաչ, լեռ ու ձոր, լիճ ու գետ։
Հակառակ քաղաքաբնակութեան եւ քաղաքակրթութեան բարիքները վայելելու մարդկութեան ներկայ ոճին, բնութենապաշտութիւնը թէեւ նահանջի մէջ է, բայց տեղի տուած չէ։
Վտանգին ահաւորութիւնը անհատական թէ պետական մակարդակի վրայ համաշխարհային երեւոյթ դարձած է։ Բնութեան պահպանութիւնն ու պաշտպանութիւնը, մարդուն ապրած շրջապատին եւ շնչած օդին մաքրութիւնը ո՛չ միայն բանաստեղծներուն եւ բնապաշտպաններուն տագնապը կը կազմեն, այլեւ՝ միջազգային գիտական շրջանակներուն։ Գիտնականներ, այսօր լրջօրէն իրենցը դարձուցած են վտանգին մտահոգութիւնը։ Իրենց հնարած գիւտերուն պատճառող աւերները նուազեցնելու (եւ ոչ թէ վերացնելու) ուղղութեամբ կը գործեն։ Գրեթէ ամէն Երկրի մէջ կենսոլորտի նախարարութեան առընթեր կազմուած են «կանաչներու կամ շրջապատի» պաշտպան կուսակցութիւններ, որոնք քաղաքական կեանքէն ներս մուտք գործած են իրենց յատուկ ծրագրով, որպէսզի իրենց իշխանութեան տիրացումը օգտագործեն կամ խորհրդարաններէն ներս իրենց ներկայութիւնը ծառայեցնեն բնութեան եւ շրջապատի կանաչները պաշտպանելու ազնիւ նպատակին։
Քաղաքակրթութեան զարգացումով հողերը իրենց ամայանալու ողբը կ՚եղերերգեն։ Անտառները կարիքներու հրամայականներու առջեւ իրենց փճացման ճիչը կը համասփռեն։ Աղբիւրներն ու անոյշ ջուրի այլ սահանքներ ցամքելու դողով կը պատեն շրջապատը: Քաղցրահամ ջուրի տագնապը աստիճանաբար կը ծաւալի աշխարհի չորս կողմերը։ Բուսական աշխարհը իր տեսակներուն այլազանութեամբ կը չէզոքանայ։ Ծովային թէ ցամաքային կենդանիներու եւ թռչնազգիներու ընտանիքներ ամբողջ կ՚անհետանան՝ աղքատացնելով բնութիւնն ու շրջապատը։
Այս է, որ այսօր կը համարուի կենսոլորտի ճգնաժամ։
Ճգնաժամ մը, որ կը համեմատուի միջուկային պատերազմի սպառնալիքին հետ: Այս իրավիճակին ծանրակշիռ՝ հանգամանքէն մեկնելով է, որ բնութեան պահպանութեան համաշխարհային ֆոնտի անգլիացի նախագահ՝ Պիթեր Սքոթ կը գրէ. «Համաշխարհային ռազմավարութիւնը շատ պարզօրէն ցոյց կու տայ, որ մարդը կրնայ գոյատեւել միայն այն պարագային, երբ ան գործէ բնութեան հետ ներդաշնակ, որ բնութեան պահպանութիւնը մարդկային առաջընթացի հիմնական տարրերէն մէկն է։ Մենք պէտք է խոստովանինք, որ մենք բնութեան մէկ մասն ենք եւ պէտք է գործենք մեկնելով այդ իրողութենէն»։
Հողը ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ետք կորսնցուցած է այսօր իր արժէքն ու կարեւորութիւնը։ Հողի արգասաւոր տարածքներ, որոնք մշակուելով իրենց բնական բարիքները կը շնորհէին մարդուն, սկսած են կուլ երթալ հողատարածքներու վրայ կառուցուող նոր շէնքերու եւ բացուող ճամբաներու աճող քանակին։ Հողը կը մեռնի ասֆալտի եւ պեթոնի կրունկներուն տակ։ Հողը կ՚անհետանայ յօգուտ քաղաքակրթութեան։ Ռոբերտ Ալէն «Ինչպէս փրկել երկիրը» գրքին մէջ, որ շրջապատի եւ բնութեան պահպանութեան հարցերու քննարկումը կատարելով, առաջադրանքներ կը ներկայացնէ ՄԱԿ–ին, այսպիսի գնահատութիւններ կը ձեւակերպէ հողատարածքներու կորուստին մասին. «Եթէ բնահողի մաշումին համեմատութիւնները յետագային ալ մնան նախկինը, ապա մոլորակի ամբողջ գիւղատնտեսական հողերու 1/3 մասը կ՚ոչնչանայ յառաջիկայ 20 տարիներու ընթացքին։ Իւրաքանչիւր տարի ամայացման կ՚ենթարկուի 60 հազար քառ. ք.մ., որը երկու անգամ մեծ է Պելճիքայի տարածութենէն։ Ներկայիս ամբողջ աշխարհի մէջ անապատ դառնալու եզրին կը գտնուին 20 մլն. քառ. ք.մ. զանազան հողեր, որը 2 անգամ կը գերազանցէ Քանատայի տարածութիւնը»։
Բնութեան եւ հողատարածքներու անապատացումը նոյնքան մտահոգիչ տագնապ առաջացուցած է կենսոլորտի պահպանման շրջանակներէն ներս։ Անոնք 1977-ի Սեպտեմբերին ՄԱԿ–ի նստաշրջաններէն մէկը «Ամբողջ աշխարհի մէջ մինչեւ մեր դարի վերջը պէտք է կանգ առնէ անապատացումը» նշանաբանով յաջողեցան նուիրել անապատացման վտանգին, որ շրջապատի պահպանման կարեւոր խնդիրներէն մէկն է։ Նստաշրջանի ընթացքին քննարկման լուրջ առարկայ դարձան հողերու օգտագործման զարգացումը, ջուրի բնական աղբիւրներու պահպանումն ու բազմացումը։ Դժբախտաբար, սակայն, անապատացման դէմ պայքարի այս ծրագիրը, որ մարդկութեան վաղուան կեանքին համար փրկարար դեր պիտի կատարէր, անոր իրականացման համար 15,6 միլիար տոլար նախատեսուած դրամագլուխի գոյացման, գրեթէ ոչ մէկ երկիր ներդրում կատարեց։
Երկրին անապատացումը անտարբեր չէր կրնար պահել գրագէտներն ու արուեստագէտները, որոնց ստեղծագործութիւններուն մէջ՝ «մեռած ծառերու», «կարմիր ժայռերու», «քարոտ աղբակոյտերու» յաճախանքներուն ստուերները ցոլացին յոռետես գոյներով։ Անոնցմէ՝ 20րդ դարու բանաստեղծութեան կարկառուն դէմքին՝ Թ. Ս. Էլիոթի «Անապատի երկիրը» կ՚արտայայտէ այդ հոգեվիճակը, որուն հետեւեալ հատուածը յատկապէս յատկանշական է.
«Ինչ են սա արմատները, որոնք կը յափշտակեն, ի՞նչ՝ սա ճիւղերը, որոնք
Կը բուսնին այս քարոտ աղբակոյտէն։ Մարդու որդի,
Դուն ի վիճակի չես ըսելու, կամ կռահելու, քանզի դուն միայն գիտես, թէ
Կայ կոյտ մը փշրուած տեսիլներու, ուր արեւը կը տրոփէ,
Եւ մեռած ծառը հովանի չի տար, ծղրիթը՝ մխիթարանք,
Եւ չոր քարը՝ ջուրի ձայն։ Միայն
Ստուեր կայ այս կարմիր ժայռերուն տակ,
(Եկուր ստուերին տակ այս կարմիր ժայռին),
Եւ ես քեզի ցոյց պիտի տամ բան մը, որ ո՛չ
Քու ստուերդ է առտուան, որ կը հետեւի քեզի
Ոչ ալ քու ստուերդ իրիկուան, որ քեզի կը հանդիպի
Ես քեզի ցոյց պիտի տամ վախը ափ մը փոշիի մէջ։

Երկիր մոլորակին անապատացումը փութացնող անխոհեմ արարք է անտառներուն վերացումն ու փճացումը, որովհետեւ անոնք մարդու կանաչ բարեկամն ըլլալով բնութեան զարդն ու թագն են: Անտառներուն անհետացումը ծառասպանութեան արարքով բնութեան դէմ գործուած ոճիր է։ Ոճիր մը, որ իր արեան հեղեղը կը սփռէ կենդանական աշխարհին հետ բուսական ոլորտներէն ներս։ Կ՚անհետանան այնպիսի բոյսեր թուփեր, որոնք մարդկութեան բուժիչ դեղեր հայթայթած են ու կը հայթայթեն:
Անկախաբար բնութեան աննախատեսելի տարերային ուժերուն գործած աւերներէն, որ լայնատարած անտառներ կը փճացնեն, կառավարութիւններու կողմէ եւս որպէս փայտի արտադրութեան միջոց եւ տնտեսութեան աղբիւր անտառներու ծառեր արմատախիլ կ՚ըլլան։ Մէկ կողմէ անտառներու հրդեհներով յառաջացած մոխիրը ահաւոր համեմատութեամբ կ՚ապականէ կենսոլորտը, միւս կողմէ կոյս անտառներու փճացումը երկրագունտի երեսէն կ՚անհետացնէ հազուագիւտ կենդանիներու այլ տեսակներ: Կ՚աղքատանայ երկրագունտի կենդանական աշխարհը։ Մարդը ի՜նչ արժէք կը ներկայացնէ քաղաքակրթութեան աչքին, որ կենդանին ներկայացնէ…։
Կոյս անտառներու փրկութիւնը՝ շրջապատի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան ծիրէն ներս՝ կենսական համարուելով ճարտարարուեստական եօթը մեծ երկիրներու կողմէ 1990-ին հակառակ որդեգրուած ըլլալուն 1,5 միլիար տոլարի նախատեսութեամբ, ծրագիրը չգործադրուեցաւ։ Ամազոնի 1,9 միլիոն քառակուսի մղոն տարածութեամբ կոյս անտառներու պահպանումը այսօր՝ ձգուած է իր ճակատագրին։
Անտառապահութիւնը այսօր, տուեալ երկրի բնութեան բնական հարստութիւնը պահելու նախանձախնդրութեամբ, դարձած է ազգային ժառանգութիւն մը չկորսնցնելու համազօր հիմնական հարց։ Դատապարտելիօրէն սակայն, պետական շրջանակներ մէկ կողմէ իրենց ցուցական մտահոգութիւնը կ՚արտայայտեն, իսկ միւս կողմէ իրենց գիտակցութեամբ եւ արտօնութեամբ տեղի կ՚ունենան, արդիւնաբերական նպատակներու շահագործման համար, «անտառներու սպանդը»։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր է վկայակոչել Հայաստանի ամէն տարուան Սեպտեմբեր
15–ին անտառի աշխատողներուն Օրուան առթիւ Խ. Հայաստանի անտառային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Ֆելիքս Մարջանեանի պետութեան անտառային քաղաքականութեան վերաբերող խօսքը. «Անտառը ազգային մեծ հարստութիւն է։ Պահպանել անտառը՝ մեզ համար նշանակում է պահպանել բնութիւնը։ Անտառը պաշտպանում է հողը, ունի ջրակլիմակարգաւորիչ դեր։ Հեշտ չէ ստեղծւում անտառը, այդ հրաշալի բարիքը։ Քիչ են մեր անտառները, բայց հարուստ են արժէքաւոր ծառատեսակներով։ Կաղնի, Հաճարենի, Լորենի, Թղկի, Կենսածառ, Նոճի, Բոխի, Եղեւնի, Թեղի, Բարտի։ Ինչպէս ասում են՝ ամէն մի ծառ իր տեղն ու դերն ունի։ Պահպանել անտառը, նշանակում է պահպանել կենդանական աշխարհը, հարստացնել բուսական ծածկը»: («Հայրենիքի Ձայն» 8 Սեպտեմբեր, 1985):
Ինչպէ՛ս կարելի է հաշտուիլ, որ մարդկութիւնը համակերպի իր մէջ ամբողջ բնութիւնը խտացնող՝ լոյսերով եւ ստուերներով, խորութեան եւ լռութեան արձագանգներով, օդին թարմութեամբ եւ առուներուն մեղեդիներով, թռչուններու համերգով եւ ծառերու անխօս զրոյցներով, “կանաչ հարստութեան” մը վերացումին։
Հարստութիւն մը, որ իբր բնութեան կանաչ յուշարձանը՝ դարերէն մարդուն ժառանգուած աննիւթեղէն գանձ է։
Աննիւթեղէն այդ գանձին կողոպուտն ու փճացումը՝ բնութեան ուժերուն հաւասարակշռութեան խախտում կը համարէ ամերիկացի նշանաւոր իրաւագէտ Ուիլիամ Օ. Տուկլաս, որ շրջապատի եւ բնութեան պահպանութեան պայքարին նուիրուած Ռահվիրաներէն է, յատկապէս «Երեք հարիւր ամեայ պատերազմ. Էքոլոգիական Աղէտի Ժամանակագրութիւն» հատորով։
«Կարելի՞ է արդեօք, որ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը դառնայ նոյնքան սուրբ գործ, որքան եւ արագ հարստանալը» սկզբունքով Ուիլիամ Օ. Տուկլաս «կենդանական աշխարհը» եւ «Անտառը եւ կուսական բնութիւնը» գլուխներուն տակ, իրականութենէն մէջբերուած փաստական հարուստ տուեալներու հիման վրայ կ՚անդրադառնայ քաղաքակրթութեան «պուլտոզուրներ»ով բնութեան կուսութիւնը պղծող, անտառներու կանաչ ու չքնաղ աշխարհը տապալող եւ կենդանասպան երեւոյթներուն։ Խստօրէն կը քննադատէ անտառները իբր եկամուտի աղբիւր նկատող ամերիկեան քաղաքականութիւնը։ Անտառները, կ՚ըսէ, կենսականօրէն անհրաժեշտ են բնութեան մէջ էքոլոգիական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու եւ ջրահաւաքը պաշտպանելու համար։ Ինչքա՜ն խօսուն է Տուկլասի կողմէ տրուած եւ իրականութենէն քաղուած հետեւեալ օրինակը եւ անկէ հետեւցուած եզրակացութիւնը. «Ես տեսած եմ՝ կացինէն փրկուած միայնակ ծառ՝ վրան արծիւի բոյն: Բայց թռչունները լքեցին ծառը, իսկ ծառը անհետացաւ, որովհետեւ առանց անտառի ծառը գոյութիւն ունենալէ կը դադրէր։ Անտառը մենք կը կտրէինք մինչեւ գետի հունը, կ՚ոչնչացնէինք սքանչելի գետակները։ Ինձ խորապէս կ՚անհանգստացնէ մեր անտառներու ճակատագիրը։ Անոնք կ՚ոչնչանան։ Անտառի տարիքը 600-էն իջած է 35 տարուան։ Մարդիկ նոր ծառեր կը տնկեն, անտառներ կը ստեղծեն, բայց անտառներու մակերեսը հետզհետէ կրճատուելով կը կրճատուի»։
Անտառներու անհետացումով, կամ երկրի մակերեսէն անոնց կրճատումով տագնապող ամերիկացի բնապաշտպան իրաւագէտը սուր քննադատութիւններ կ՚ուղղէ Ամերիկեան Գոնկրէսին, որ աւելի շատ կը զբաղի անկարեւոր օրէնքներու օրէնսդրական նրբութիւններու ճշդումով, քան՝ պուլտոզուրներով ոչնչացող կուսական բնութեան գեղեցկութեան անհետացումով. օդն ապականող նիւթերու թոյներով։ Բնութեան պահպանության գործը այնքան սուրբ եւ նուիրական նկատելով, Տուկլաս կ՚առաջադրէ անոր տալ կրօնական միսիոնարութեան բնոյթ. «Բայց ես խորապէս հաւատացած եմ, որ մեր ժողովուրդը Ամերիկայի մեծ բնութեան կործանումը չ՚ուզեր տեսնել. բնութիւնը, որը մեր հոգեւոր ժառանգութեան ամենակարեւոր տարրն է եւ ողջ աշխարհի բնութեան զգալի մասը»։
Ջուրը իբր հողին եւ բնութեան սքանչելի մէկ բարիքը բացի մարդուն կենսական հանապազօրեայ պահանջքներէն ըլլալէ՝ բնական գեղեցկութեան տեսարաններու հանդիսավայր է՝ որպէս աղբիւր, առու, ջրվէժ, լիճ ու գետ։ Օդին ապականման եւ հողին անապատացման հետ կենսոլորտի պահպանման շրջագիծէն ներս մարդկութեան սպառնացող վտանգ է քաղցրահամ ջուրի տագնապը։ Այդ տագնապին ծանրակշիռ հետեւանքներուն մասին է, որ ճաբոնցի արդի մեծ գրող Հիրոսի Նոման կը կատարէ հետեւեալ յոռետես կանխատեսումը. «Կը թուի թէ աշխարհի վերջը պիտի գայ ոչ թէ աթոմային պատերազմէն, այլ ջուրի ծարաւէն»:
Քաղցրահամ ջուրի տագնապին ապագայ սերունդներուն կեանքին վրայ ունենալիք ճակատագրական անդրադարձումին գիտակցութեամբ ՄԱԿ-ը իր 1980 թուի Նոյեմբերին գումարած նիստին կ՚որդեգրէր հետեւեալ բանաձեւը. «Միջազգային Տասնամեակ 1981-1990՝ խմելիք ջուրի ապահովման»։ Տասնամեակ մը, որ մինչեւ իր լրումը ապահովուած պիտի ըլլային երկրագունտի բոլոր մարդիկը խմելիք մաքուր ջուրով եւ առողջապահական պայմաններով։ Հակառակ այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուած կարեւոր ճիգերուն եւ որոշ նախաձեռնութիւններուն քաղցրահամ ջուրի տագնապը հիմնականօրէն կը մնայ անլոյծ՝ ՄԱԿ–ի հեռանկարային այլ անկատար ծրագիրներու շարքին…։
Քաղցրահամ ջուրի ապահովման ն պայքարի ծիրէն ներս նոյնքան կարեւոր եւ նշանակալից նախաձեռնութիւն էր մտաւորական մակարդակի վրայ 1987-ին խորհրդային եւ ճաբոնցի գրողներու կողմէ Օգոստոս ամսուան ընթացքին Պայքալ լիճի ափե րուն գումարուած համաժողովը։ «Պայքալեան Շարժում» անունը կրող այս համախմբումը իրեն համար նպատակ ընդունելով խմելու ջուրի մաքրութեան համար պայքարող տարբեր երկիրներու գիտնականներու եւ գրողներու ջանքերուն համատեղումը, ՄԱԿ–ի օրինակով եւ «Պայքալեան Շարժման» գործադիր կոմիտէի յայտարարութեամբ կ՚առաջադրէր. «Խմելու ջուրի խնդիրը այժմ դարձած է առաջնահերթ, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի մարդկութեան գոյապահպանման:
Այսօր մենք մեր ծարաւը կը գոհացնենք խմելու ջուրին 2005 թուականի պաշարներու հաշւոյն: Ջուրէն մեր յետնորդները զրկելու գնով։ Ոչնչացուցած ենք բազմահազար լիճեր, գետեր աղբիւրներ։ Ներկայիս նոյնքան մըն ալ նախաոչնչացման վիճակին մէջ կը գտնուին։ Մեր աչքերուն առաջ հոգեվարքի եզրին կը գտնուին Արալը, Լադոկան, Սեւանը։ Տագնապը յատկապէս սրած է “Երրորդ Աշխարհի” երկիրներուն մէջ։ Քաղցրահամ լիճերն եւ խմելու ջուրի միւս ակունքները, ուր որ ալ անոնք գտնուին, ամբողջութեամբ կը կազմեն հանուր մարդկութեան պատկանող աղբիւր։ Մոլորակի սեփականութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ աշխարհի մէջ անընդհատ էգոլոգիական աղէտէն առաջին հերթին կը տուժէ քաղցրահամ ջուրը՝ երկրի վրայ կեանքի հիմքը հանդիսացող կենդանի բնութեան փխրուն տարրը, Պայքալեան Շարժման Գործադիր Կոմիտէն կ՚առաջադրէ ամբողջ աշխարհը մասնակից դարձնել համատարած պայքարին՝ “Սպառնալիք Ապագային” լոզունքին տակ»: («Գրական Թերթ» 15 Դեկտեմբեր, 1989)։
Մարդիկ այնքան անզգամցած են իրենց շրջապատին նկատմամբ, որ իրենց ձեռքերով գիտակցաբար կամ անգիտակցօրէն իրենց շնչած օդն ու խմած ջուրը կը թունաւորեն։ Քաղաքակրթութիւնն ալ մասնակից է այս թունաւորումին։ Քիմիական, մեքենական եւ արդիւնաբերական արտադրութիւններու տեսակաւոր ներկայութիւնները կեանքի տարբեր բնագաւառներէն թէ առօրեայէն ներս կը սրեն քաղցրահամ ջուրին տագնապը՝ սպառնալով անոր ապագային”։ Այս մտահոգութեամբ է, որ գիտնականները յանգած են հետեւեալ յոռետես եզրակացութեան. «եթէ երկրագունտի մարդիկ այսօրուընէ այլեւս ոչ մէկ կրամ թունաւոր նիւթեր չնետեն քաղցրահամ ջրաւազաններուն մէջ, արդէն իսկ կուտակուած անոնց թունաւոր նիւթերէն բնական ինքնամաքրումին համար կը պահանջուին հարիւրաւոր տարիներ»:
Թափօններով, փոխադրամիջոցներու ընթացքին քարիւղի հոսակորուստի հետեւանքով եւ սպառողական հասարակութեան թափած աղտերով քաղցրահամ ջուրի բնական աղբիւրները, գետերն ու լիճերը, որոնք այլապէս ալ բնութեան վայելքի հարստութիւններ են, իրենց մէջ աճող քաղցրահամ ջուրի ձուկի այլազան տեսակներով թե շրջապատի բուսական աշխարհով վտանգուած են։ Ըստ կատարուած ուսումնասիրութեան մը,
1969–ին, Ամերիկայի 45 նահանգներու մէջ ջուրի ապականման հետեւանքով ոչնչացած են աւելի քան 41 միլիոն տարբեր տեսակի ձուկեր։
Պետական քաղաքականութեան ծրագիրներն անգամ անզօր կը մնան առաջքը առնելու ծանր արդիւնաբերութեան տէր ֆինանսի շրջանակներու մարդուն հասցուցած վտանգին՝ յօգուտ իրենց առասպելական եկամուտի շահու աղբիւրներուն…։
Կենսոլորտի պաշտպանները, բոլոր երկիրներէն ներս, մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնէն ձայն կը բարձրացնեն եւ պայքար կը ծաւալեն այն մարդկայնական եւ երկրի գոյապահպանման նշանաբանով, ըստ որում՝ երբ ճակատագրական հանգամանք ստացած է կեանքի գոյութիւնը երկրի վրայ պետութիւններ աւելի շատ պիւտճէ կը յատկացնեն լուսնի եւ այլ մոլորակներու ուսումնասիրութեան, քան՝ այնքան կենսական ջուրի ապականացման առաջքը առնելու եւ մաքրելու։ Որովհետեւ, կ՚ըսեն կենսոլորտի հաւասարակշռութեան սկզբունքով, կառավարե՛լ քաղցրահամ ջուրի աղբիւրները կը նշանակէ առաջին հերթին էգոլոգիական պաշտպանութեան տակ առնել գետային աւազաններն ու ջրային ուղիները:
Արեւը մինչեւ հիմա բարիք սփռած է երկրին եւ մարդկութեան։ Բնութեան տարերային ուժերուն՝ երկրաշարժ, հրաբուխ՝ յառաջացուցած խախտումները մէկ կողմէ, իսկ կեանքը արդիականացնող քաղաքակրթութեան բարիքները միւս կողմէ ինքնաշարժ, օդանաւ, օդափոխիչ մեքենա՝ (էյրքոնտիշըն) եւայլն իրենց արտադրած քիմիական նիւթերու տարածումով կենսոլորտին մէջ կը նօսրացնեն մտահոգիչ համեմատութեամբ երկրագունտի շուրջ գտնուող Օզոնի այն խաւը (ըստ մասնագէտներուն հասած է նօսրացման ամէնէն ցած մակարդակին), որ արգելք կ՚ըլլայ կեանքին եւ մարդուն մահացու ու վնաս պատճառող արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու թափանցումին։
Առաջին հերթին Օզոնի խաւին պարպուիլը (ըստ ամերիկացի մասնագէտներուն մինչեւ 2000 թուական 5/10 առ հարիւր կրնայ հասնիլ) պիտի բարձրանայ մորթի քաղցկեղէ վարակուողներու թիւը տարեկան 300,000–ով։ Ինչպէս նաեւ «քաթարաքթի» պարագաներ նոր յաւելումներ պիտի արձանագրեն։ Օզոնի նօսրացումը պիտի ազդէ ուտեստեղէնի արտադրութեան նուազումին։ Երբ արդէն ըստ նախատեսութիւններուն 2025 թուականին աշխարհի բնակչութեան թիւը կարեւոր աճ արձանագրած պիտի ըլլայ, նոյն համեմատութեամբ պիտի չբարձրանայ երկրագործական արտադրութիւնները, ինչ որ պիտի յառաջացնէ ուտեստեղէնի տագնապ։
Ըստ բոլոր երկիրներու գիտական շրջանակներուն այս երեւոյթը տակաւին պատահած չէր մարդկութեան պատմութեան մէջ, որ առաւելաբար հետեւանքն է 20-րդ դարու “ճարտարարուեստական յեղափոխութեան”:

«Միայն մարդկային մտքերու յեղաշրջումը կը յանգեցնէ ցանկալի փոփոխութիւններու։ Եթէ մենք կը ցանկանք փրկել մեզ եւ կենսոլորտը, որմէ կախուած է մեր գոյութիւնը, բոլոր ամերիկացիները՝ երիտասարդ թէ տարեց, պէտք է դառնան շրջակայ միջավայրի պահպանութեան իսկական գործօն ու մինչեւ իսկ ակրեսիւ մարտիկներ»:
Ուիլիամ Օ. Տուկլաս

Կենսոլորտի հարցը բնութեան եւ շրջապատի պաշտպանութեան շրջագիծէն ներս իւրաքանչիւր երկրի յատուկ տեղական հանգամանքին հետ, մուտք գործած է համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ, դառնալով անոր հրատապ հրամայականնե րէն մէկը։
ՄԱԿ-ը 1991 Յունիս 5-ը հռչակեց «Աշխարհի Կենսոլորտի Օր»։
Միջազգային ընտանիքը իր բոլոր խաւերով աւելի մօտէն սկսաւ հետաքրքրուիլ եւ մտահոգուիլ երկրագունտին սպառնացող եւ իր ճակատագիրը հարցականի առաջ դնող կենսոլորտային վտանգներով։
Միջազգային մակարդակի վրայ Ա. Խորհրդաժողովը Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեամբ եւ 130 պետութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ 1973-ի Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ Սթոքհոլմի մէջ։ Նիւթական գետնի վրայ բոլոր մասնակցող երկիրներու կառավարութեանց մասնակցութեամբ գոյացաւ 100 միլիոն տոլարի հիմնադրամ մը։ Սթոքհոլմի խորհրդաժողովը առաջին անգամ ըլլալով կենսոլորտի հարցին այն լուրջ մտահոգութեամբ վերաբերեցաւ, որ երկրագունտի վրայ ապրելու կարելիութեան պայմանները լուսարձակի տակ առաւ: Հաստատեց պատրաստուած գիտա-վիճակագրական տուեալներով, որ միջազգային ընտանիքին անտարբերութիւնը կրնայ մահացու վտանգի ենթարկել երկրագունտը։ Շեշտուեցաւ, մարդկութեան ապագային հանդէպ խստապահանջ պատասխանատուութեամբ, ճարտարարուեստական յեղափոխութեան արտակարգ ծաւալումը, որ կ՚ապականէ օդն ու ջուրը, թափօններու կեղտերով կը պղտորէ գետերու մաքուր ջուրերը եւ քիմիական նիւթերու օգտագործումով կը թունաւորէ մթնոլորտը։ Սթոքհոլմի խորհրդաժողովին մասնակցող երկիրներէն յատկապէս ճարտարարուեստական զարգացման հասածները առաջարկեցին աւելի մեծ պիւտճէներ տրամադրել մարդը եւ բնութիւնը կենսոլորտի աղէտներէն զերծ պահելու եւ պաշտպանելու համար: Հարցը առաջին անգամ համաշխարհային մակարդակի վրայ դրուելով «Մէկ երկիր, մէկ աշխարհ, մէկ կեանք» նշանաբանին տակ առնուեցաւ:
Սթոքհոլմի խորհրդաժողովը՝ իր «Մէկ մարդկութիւն եւ մէկ Աշխարհ» իրողութիւնը սեւեռումին տակ առնելով չէր կրնար անտես անցնիլ մարդկային քանակին գերաճով ապրուստի կարելիութիւններուն սահմանափակումն ու գործազրկութեան ընկերային չարիքը՝ կենսամակարդակով բարձր երկիրներէն ներս, իսկ “Երրորդ Աշխարհի” ժողովուրդներու սննդառութեան անբաւարարութեան հետ, առողջապահական պայմաններու վատթարացումը:
Կենսոլորտի շրջանակները Սթոքհոլմի ժողովին գործնական արդիւնքները գնահատեցին անմիջական օգուտներէն աւելի, անոր իբր միջազգային չափանիշով կատարուած առաջին գործնական նախաձեռնութիւն մը ըլլալու դրական դերը՝ իր համատարած արձագանգներով։
Աշխարհի եւ մարդկութեան նոյն ճակատագրին եղբայրակցութիւնը,– ապագայի պատկերացման ահաւոր հեռանկարներու լոյսին տակ,– մղեց որ 110 երկիրներու նախագահները կամ պետական ներկայացուցիչները 1992 Յունիսին մէկտեղուին Պրազիլիոյ Ռիօ Տը Ժանեյրօ քաղաքին մէջ՝ երկրագունտը իր արմատներէն՝ հիւծող “հիւանդութիւնները” քննութեան ենթարկելու, ախտաճանաչումներ կատարելու եւ դարմաններ որոնելու համար։ 110 երկիրներու պետական ներկայացուցիչներուն շարքին իր տեղը գրաւեց նաեւ նորանկախ Հայաստանի նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը։
Ռիօ Տը Ժանէյրոյի համաժողովը, որ նախորդը՝ Սթոքհոլմինը կը գերազանցէր մասնակիցներուն ներկայացուցչական հանգամանքներով թէ որդեգրուած բանաձեւերու գործնական բնոյթով՝ կը կրէր «Միացեալ Ազգերու Խորհուրդ Կենսոլորտի Պահպանութեան եւ Զարգացման» անուանակոչումը։ Պետական մակարդակի սոյն համաժողովին առընթեր, աշխարհի զանազան երկիրներու ոչ պետական “էքոլոժիշտ” կազմակերպութիւններու աւելի քան 11,000 ներկայացուցիչները կը համախմբուէին քաղաքին կեդրոնական հրապարակին վրայ գտնուող հանրային պարտէզի մը մէջ՝ հոնկէ իրենց ձայնը բարձրացնելու համար բնութեան դէմ գործուած եւ գործուող բարբարոսութեան դէմ։ Տեղ մը պետական քաղաքականութիւնն ու հաշիւները իշխող էին, ուրիշ տեղ՝ անկեղծ, սրտցաւ եւ բնոութեան իսկական բարեկամներուն ոգին ներկայ էր։
Այն սկզբունքին համաձայն, որ կատարեալ միաձայնութիւնը միայն գերեզմանոցներու մէջ կ՚ըլլայ, համաժողովը հակասութիւններ եւ հակադրութիւններ ալ դրսեւորեց՝ իւրաքանչիւր երկրի տնտեսա-ընկերային պայմաններէն մեկնող գնահատումներով։ Օրինակ՝ կենսոլորտի պահպանման նման մէջ անտառներու փճացման հարցը, որ նաեւ բոյսերու եւ կենդանիներու տեսակներու կորստեան պատճառ կը հանդիսանայ, համաժողովին մասնակցող Ամազոնի կառավարիչ` Ժիլպերթօ Մեսթրինիօ հակադրուելով անտառներու պահպանման մտահոգութեան, կատարեց հետեւեալ նկատողութիւնը. «Հարուստ պետութիւնները չեն կրնար արգիլել արեւադարձային անտառներու շահագործումը։
Մենք կ՚ըմբռնենք համաշխարհային մտահոգութիւնը, բայց նաեւ մենք իրաւունք ունինք մեր տնտեսութիւնը զարգացնելու եւ յառաջացնելու։ Ինչո՞ւ մեզ կ՚ուզեն մշտնջենապէս թշուառութեան մէջ պահել, պարզապէս որպէսզի ամազոնական անտառը կոյս մնայ։ Մենք իրաւունք ունինք մեր ունեցած անտառային հարստութիւնը չաՀագործելու»:
Տարբեր երկիրներու պետական ներկայացուցիչներու կողմէ զեկոյցներն ու տեղեկագիրները անդրադարձան երկրագունտի գոյապահպանման եւ ապագայ սերունդներու առողջ եւ բարօր կեանքի ապահովման գերխնդիրներուն։ Նորութիւններ չբերին անոնք, այլ՝ հաստատեցին արդէն կատարուած ախտաճանաչումներն ու սպառնացող վտանգներուն մերձաւորութիւնը, որոնց մղձաւանջը կ՚ապրին բոլոր երկրամասերու բնակիչները։
Երկրագունտի բնակչութեան գերաճին դիմաց, որ մինչեւ 2025 թուական 8,5 միլիառի կրնայ հասնիլ, սննդառական արտադրութեան միջոցներուն հետզհետէ սահմանափակումով ստեղծուելիք մարդուն կենսական պահանջքին գոհացումը ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել։ “Երրորդ Աշխարհի»ն ցարդ տրուած օգնութիւնները չեն յաջողիր զայն ձերբազատել աղքատութեան ճիրաններէն։ Այնքան ատեն, որ գիտութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը այնքան արագ եւ անխնայ կերպով, – մարդուն եւ բնութեան վնասելու գնով,— կը յառաջդիմեն եւ անոնց հսկայաքայլ յառաջացումն է հիմնականօրէն երկրագունտի ողբերգութեան պատասխանատուն, կարելի պիտի ըլլա՞յ զանոնք կասեցնել, երբ անոնց ետին կանգնողներն ու ֆինանսաւորողները աշխարհի ճարտարարուեստականացած երկիրներն են։
Բնապահպանումը, օդի ջուրի, մթնոլորտի ապականում օզոնի նօսրացում. անտառներու, ծառերու եւ օգտաւէտ բոյսերու փճացում եւ կենդանական աշխարհի անհետացում, – քաղաքակրթութեան զարգացման հետ նոյն կշիռքին երկու նժարները կը գրաւեն։ Զոհե՞լ մէկը միւսին։ Ահա թէ ինչո՛ւ անելի առջեւ կանգնած են աշխարհը ղեկավարելու կոչուած մեծերը, որոնք նաեւ չեն կրնար մտահոգ չըլլալ իրենց յանձնառութիւններուն կատարումով ստեղծուելիք տնտեսական տագնապով, որ գործազուրկներուն թիւը բազմացնելէ բացի, դուռ պիտի բանայ ընկերային ցնցումներու առջեւ։
Բնապահպանման հակադրուողը քաղաքակրթութեան հետ քաղաքականն է նաեւ։ Ինչպէս զայն Ռիօ Տը Ժանէյրոյի համաժողովին ակներեւօրէն զգացուց Միացեալ Նահանգները, որ հետամուտ իր հարստութիւններու առաւել բարգաւաճման, թեքնոլոժիի կատարելագործման, որպէսզի անոնց տնտեսական զօրութեամբ քաղաքականօրէն իր գերակայութիւնը պահէ աշխարհի վրայ։ Միացեալ Նահանգներու օրինակով՝ Քանատան,
Ֆրանսան, Գերմանիան, Ճաբոնն ու Անգլիան իրենց երկիրներուն շահագրգիռ դիրքերէն մեկնեցան վաղուան աշխարհի գոյավիճակին նկատմամբ։
Հակառակ հակասութիւններով, հակադրութիւններով եւ վերապահութիւններով յատկանշուող իրողութեան՝ «Երկրագունտի Ռիօ Տը Ժանեյրոյի Գերաստիճան»ին որդեգրուեցան 21-րդ օրակարգը կազմող կէտերուն շուրջ հետեւեալ գլխաւոր բանաձեւերը.
«Կոչ կ՚ուղղուի աշխարհի երկիրներուն, որպէսզի իրենց բնական հարստութիւնները աւելի արդիւնաւոր կերպով օգտագործեն, նուազեցնեն աղբի քանակը եւ աւելցնեն աղբը վերստին գործածելու միջոցները։
Կ՚առաջադրուի ընտանեկան լաւ ծրագրում եւ կիներու գոյավիճակի ու կրթութեան բարելաւում, առողջապահական մեծ ծրագիրներ` դիմակալելու համար հիմնական կարիքներ, հակակշռելու հիւանդութիւններ, պաշտպանելու՝ շատ փոքրերն ու տարեցները, ինչպէս նաեւ թշուառութեան ջնջում։
Կառավարութիւնները պէտք է կենսոլորտային նկատառումները միաձուլեն քաղաքական որոշումներու եւ քաջալերեն ջերմուժի արդիւնագործութիւնը։
Անտառները պէտք է պահպանուին եւ արդարօրէն գործածուին։ Առանց արտօնագրի գործունէութիւնը պէտք է սառեցուի։ Լեռները, ովկիանոսները եւ անուշ ջուրի բնական դրութիւնները պէտք է պաշտպանուին եւ պէտք է առանց հողը փճացնելու, աշխարհի երկրագործական կարիքները գոհացնելու մի ջոցներ գտնուին:
Կենսաբանական բազմաճիւղութիւնը պէտք է պաշտպանուի եւ կենսա-ճարտարագիտութիւնը օգտագործուի կենսոլորտային պայմաններու յարմարող ձեւով։ Կառավարութիւններ պէտք է գործակցին` տեղեկութիւններ փոխանակելու համար քիմիական թունաւոր նիւթերու մասին, բարելաւելու համար վնաս պատճառող աղբերէ ձերբազատելու միջոցները»:
Որքանո՜վ իրականութիւն պիտի դառնան բանաձեւուած որոշումները հարց է։ Անոնց լուծումը կախում ունի նիւթական յանձնառութիւններու հետ, բարոյական այն պատասխանատուութենէն, որ պիտի ցուցաբերուի վաղուան աշխարհի առողջ կշռոյթին եւ բնական ընթացքին համար։
Ինչքան պերճախօս է հայ գրագէտին՝ Զօրի Բալայեանի այն պատկերաւոր բնութագրումը, որ կ՚առնչուի բնութիւն-քաղաքակրթութիւն աններդաշնակութեան.— «Մեր բանջարանոցը հենց առուակի ափին էր։ Պապիս հետ յաճախակի էի նստում մետաքսանման տերեւներով սաղարթախիտ թթենու տակ։ Ես նրան հարցրի. «Ի՞նչ տեղի կ՚ունենար, եթէ յանկարծ չլինէին մեր առուն, մեր ծառը»։ Նա պատասխանեց՝ չնայելով ինձ. «Այդ դէպքում կ՚ոչնչանար ծառի ստուերը, կը համրանար առուակի խոխոջիւնը»։ Յետոյ ես երկար էի մտածում պապիս խօսքերի վրայ։ Իսկ դու գիտե՞ս, հիմա այդ նոյն տեղում ոչ մեր բանջարանոցը կայ, ոչ ծառը, ոչ էլ առուակը։ Դրանց փոխարէն կանգնած է հինգյարկանի մի տգեղ շէնք։ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻ՜ՒՆ է»:
Բոլոր մարդերու՝ անցեալ, ներկայ եւ ապագայ սերունդներու հաւասարապէս հասարակաց ժառանգութիւնը հանդիսացող շրջապատը անշնչելիօրէն ապականուելով կը թունաւորուի, բնութիւնը անճանաչելիօրէն կը տգեղնայ: Այս բոլորէն, աղիտալի չարիքներէն մարդկութիւնը փրկելու յոյսը, բոլոր գերհզօր ուժերէն վեր, Աստուծոյ միայն կրնայ վստահուիլ…։

8 Օգոստոս, 1993

 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԲՆՈՒԹԵԱՆ
ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՃԻՉԸ

«Մենք միշտ հպարտացած ենք մեր նախահայրերուն իրագործումներով: Բայց կը մնանք ձեռնածալ բոլոր այն բաներուն առջեւ, որ յաճախ “մանրամասնութիւններ” կը նկատուին ուրիշներուն կողմէ։ Իրականութեան մէջ անոնք շատ լուրջ իրողութիւններ են։ Պզտիկ օրինակ մը բաւարար է, լուսաւորելու համար այս իրողութիւնը. Լիբանանի Մայրիները մեռնելու վտանգին մէջն են։ Ոչ ոք կը մտածէ անոնց հոգածութեան մասին։ Պշարրէի մէջ ծառեր կը կտրեն, ձմեռը անոնցմով տաքնալու համար։
Այս ընթացքով, քսան տարիէն Մայրիները գոյութիւն ունենալէ պիտի դադրին: Մեր զաւակներուն Մայրիներու մասին պիտի խօսինք լուսանկարով եւ դրօշակի մայրիներով»։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ԿՈՉԷՆ

Բնութիւնը եւ իր բարեկամները։ Լիբանանի բնութիւնը եւ անոր ինքնակոչ, նորաստեղծ եւ անկեղծ բարեկամներու ընկերակցութիւնը, վերջերս, տեղական մամուլին մէջ, ի տես Լիրանանի, սիրեցեալ հայրենիքի բնութեան անհոգի աւերածութիւններուն, անխնայ փճացումներուն, քաղաքացիներու անգութ վերաբերումներուն եւ Լիբանանը խորհրդանշող յաւերժական
Մայրիներու անհետացման վտանգին՝ Բնութեան բարեկամ մը Լիբանանին բարեկամն է” նշանաբանով եւ անձկութիւն մը յատկանշող տագնապով, իր ճիչը կ՚արձակէ…:
Ճիչ մը, որ միաժամանակ կոչ մըն է Լիբանանի, այս գեղեցիկ եւ դալար երկրին բնական հարստութիւնները պահելու։ Պաշտպանելու։ Գուրգուրալու անոնց վրայ։
Որեւէ երկրի բնութեան հարստութիւնները, հոգեկան հարստութիւնը կը կազմեն այդ երկրի քաղաքացիներուն։ Մարդուն։
Կարելի՞ է պատկերացնել մարդը առանց բնութեան՝ բնութիւնը առանց մարդու։ Կարելի չէ…: Բայց ինչպէս կարելի է պատկերացնել մարդուն ոչ միայն անտարբերութիւնը բնութեան եւ անոր գեղեցկութիւններուն հանդէպ, այլ՝ անմարդկային վերաբերումը…:
Ի ծնէ մարդը օժտուած է ինքնապաշտպանութեան բնազդով…: Բնութիւնը զուրկ է անկէ…: Սկզբունքով բնութեան զաւակ մարդը կոչուած է ըլլալու բնութեան պաշտպանը։ Հովանին…։ Ի՜նչ օրերու հասանք, որ բնութեան պաշտպան մարդը դարձած է անոր թշնամին։ Անգո՛ւթ ոսոխը…:
Բայց Լիբանանի մէջ, հինգ տարիներէ ասդին, մարդն ու մարդու ապահովութիւնը չքացած է, ալ ո՞ւր կը մնայ բնութեան պաշտպանութիւնը եւ անոր հոգածութիւնը…:
Պատերազմի անիշխանականութեան մէջ եւ բնութիւնը պաշտպանող պետութեան մը բացակայութեան հետեւանքով յանկարծ, ահա, ի յայտ կու գան Լիբանանի բնութեան անկեղծ բարեկամները եւ ապրելով անոր փճացման սպառնացող վտանգը, տագնապը՝ ձայն կը բարձրացնեն եւ այսպիսի հարցականներու առջեւ կը դնեն երկիրն ու իր քաղաքացիները, իրաւամբ…։
1980ի լիբանանցիները պիտի կրնա՞ն պահպանել Լիբանանը, այնպէս ինչպէս ճանչցան զայն…։
Իրենց զաւակները առիթը պիտի ունենա՞ն ճանչնալու իրենց նախահայրերու այս գեղեցիկ Լիբանանը…:
Դժբախտաբար «ո՛չ» կը պատասխանեն բնութեան նորաստեղծ բարեկամները։
Ահա թէ ինչու անոնք համախմբուած են Լիբանանի, մարդը հարստացնող բնութիւնը պաշտպանելու նշանաբանին շուրջ։
Բայց ինչ մեկնակէտով։ Խօսք տանք Լիբանանի “Բնութեան բարեկամներու ընկերակցութեան” ներկայացուցիչներէն Տոքթ. Րիքարտօ Հարպրին, որ կ՚ըսէ մամուլին կատարած իր յայտարարութեան մէջ. «Պետք է լիբանանցիները հաւասարապէս պատասխանատու զգան։ Բնութեան պաշտպանութեան այս պայքարը պիտի սկսի դպրոցներէն, գոլէճներէն եւ համալսարաններէն, նկատի ունենալով որ վերոյիշեալ հաստատութիւնները շրջապատուած են բնութեամբ: Առաջին հերթին իրենք պիտի ըլլան զայն պահողը։ Դասախօսութիւններով, լուսապատկերներով պիտի ներկայացնեն Լիբանանի երէկը, այսօրը եւ վաղը ցոլացնող բնանկարները։ Ո՛չ մէկ բան պիտի խնայուի ունկնդիրը ցնցելու համար: “Բնութեան բարեկամներու ընկերակցութիւնը ապա պիտի իջնէ փողոց եւ հետզհետէ շարժումը պիտի ընդգրկէ այլ հաստատութիւններ եւ տարածուի մինչեւ գործարանները»:
Որպէսզի, քսան, քառասուն, ութսուն տարիներ ետք ապրին եւ յաւերժանան Լիբանանի Մայրիները։ Լիբանանին հետ…:
Որպէսզի ծառեր չկոտրին։ Լիբանանի մէջ…։
Որպէսզի ծառ մեռցնելու տեղ, ծառ տնկելը դառնայ օրհնութիւն։ Շրջապատին մէջ…։ Եւ լիբանանցիին համար…:
Բնութեան կորուստը միայն Լիբանանի յատուկ չէ հարկաւ։ Արդի քաղաքակրթութիւնը իր բնութասպան տարերքով քիչ մը ամէն երկրի մէջ բնութենապաշտ հոգիներու էութիւնը կը ցնցէ։
Քիչ մը ամէն երկրի մէջ բնութեան զաւակ արուեստագէտներ, բանաստեղծներ իրենց սուր ճիչը կ՚արձակեն։ Ահա եւ անոնցմէ հայ երիտասարդ բանաստեղծին, Ռազմիկ Դաւոյեանին պոռթկումը. «Եթէ ոչ հիմա, գոնէ ապագայում երեւի մարդը զղջալու շատ բան կ՚ունենայ՝ բնութեան հետ այնքան անարդարացի, դաժան վարուելու պատճառով։ Եթէ մարդը ոչնչացնում է լեռը, ծառը, գետը, օդը, հողը, ինքն իրենով հիացած, չի հասկանում, որ կտրատում է իր կենսունակութեան արմատները։ Եւ պէտք է այնպէս անել, որ բնութիւնը չկորցնի մարդուն կամ մարդը չկորցնի բնութիւնը, քանի որ կորուստի վերականգնումը անհունօրէն ծանր է կամ անհնարին»:
Մարդուն կենսունակութեան արմատները վտանգի մէջ են։
Կը մնայ որ ամէն լիբանանցի անկեղծ քաղաքացի, միացնէ իր ճիգը Լիբանանի բնութեան բարեկամներու ազնիւ պայքարին, որպէսզի դարձեալ հայ բանաստեղծին բառերով՝ Վ. Թէքէեան.
«Չկոտրեն ոչ մէկ ծառ, չճզմեն ոչ մէկ ծաղիկ»։

 

ՍՈՎԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԱՄՕԹԸ

«… Բայց այսօրուան ողբերգութիւնը աննախընթաց տարողութիւն ունի, որովհետեւ միայն Մոզամպիքի մէջ արդէն 200 հազար հոգի սովամահ եղած է։ Շուրջ 150 միլիոն հոգի փաստօրէն կը դիմագրաւէ նմանօրինակ վտանգ մը։ Տարին մէկ միլիոն մանուկ կը մահանայ Ափրիկէի տարածքին՝ մալարիայի հետեւանքով։ Իսկ 10 ափրիկեցիի վրայ վեցը անօթի կը մտնեն ամէն գիշեր»։

«Վիճակագրական Տուեալներէ»
Մարդկութիւնը՝ գլխու պտոյտ առթող յառաջդիմութիւններ արձանագրած է քաղաքակրթական, գիտական թէ մշակոյթի մարզերէն ներս։ Գիտական մտքի նուաճումները եթէ մէկ կողմէ մարդկութեան շնորհած են ապրելակերպի բարձր մակարդակ, յատկապէ՛ս “թեքնոլոժի”ի մարզէն ներս ապահովուած բարիքներով, միւս կողմէ սակայն աթոմական ուժի կատարելագործումը կը կազմէ մնայուն մղձաւանջը մարդկութեան ոչնչացման։
Նախորդ դարերու վրայ արձանագրած իրագործումներու սիրական գերակշռութեամբ 20–րդ դարը “լուսաւոր դարու” դիմագիծով կը պատկերանայ՝ հակառակ նոյնիսկ երկու մեծ աշխարհամարտերու ողբերգութիւնը արձանագրած է իր պատմութեան էջերուն։
Լուսնին նուաճումը՝ “լուսաւոր դարու” յառաջդիմութեան եւ սրընթաց վերելքին նոր չափանիշը պիտի հաստատէ։ Մարդկային անսահման կարելիութիւնները նոր մագլցումներ պիտի ապրին երկրէ երկիր, ժողովուրդէ ժողովուրդ, ցամաքամասէ ցամաքամաս։ Ապագայագէտները 20-րդ դարու աւարտին համար, մինչեւ
2000 թուական, կը նախատեսեն հսկայական նոր յառաջխաղացքներ գիտական յայտնագործումներու, տեղեկատուութեան միջոցներու զարգացման, բժշկական գիւտերու կատարելագործման, բնակչութեան աճին համեմատ քաղաքաշինութեան նոր սկզբունքներու կիրարկման, տիեզերական թռիչքներու փորձարկման եւ մարդկային կարողութիւններու մշակման բնագաւառներէն ներս։ Այսօրուան մարդուն համար իրապէ՛ս “ֆանթասթիք” կը թուին ապագայագէտներու կողմէ գիտական տուեալներէ մեկնելով նախատեսուած յայտնագործումները, ինչպէս երէկուան մարդուն համար ցնորք կը թուէին այսօրուան հրաշագործութիւնները։ Մինչեւ 2000 թուական իրագործուած պիտի ըլլայ ըստ գիտական միտքի նախատեսութեան, Ճափոնի մէջ “Արեգակնային Լոյս” նախագիծը, ըստ որուն արեւի ուժով աշխատող առաջին փորձառական ելեկտրակայանը գոծունէութեան պիտի անցնի։ Իսկ 2 միլիոն քիլովաթ կարողութեամբ “Արեւային կայան” մըն ալ կառուցուի նոյն տեղը։
Արեգակնային լոյսի օգտագործումը կը նշէ գիտական յեղափոխութեան ամէնէն մեծ նուաճումներէն մէկը, որ անկասկած ի սպաս պիտի դրուի մարդկութեան վերելքին։ Բայց, հակառակ այս առաջընթացին, արեւմուտքի մէջ մասնաւորաբար, յոռետեսութիւնը փիլիսոփայական մտքին բնորոշ գիծը կը կազմէ, մարդու բարոյական կերպարին ապրած տեղատուութեան ի տես։ Այս դարու փիլիսոփաներէն Պերթրանտ Ռասըլ այդ յոռետեսութիւնը կ՚արտայայտէ հետեւեալ բնութագրումով. «ժամանակակից մարդը, հակառակ գիտութեան եւ թեքնիկի զարգացման, բարոյապէս քարայրաբնակ մարդու մակարդակէն վեր չէ բարձրացած։ Գիտաթեքնիկական յառաջդիմութեան եւ մարդկային անփոփոխ էութեան միջեւ եղած խզումը շարունակ եւ աղէտալիօրէն կ՚աճի»։
Պերթրանտ Ռասիլի հետ ուրիշ փիլիսոփաներ եւս կը յանգին այն յոռետես եզրակացութեան թէ. «կայ գիտական, թեքնիկի յառաջդիմութիւն, բայց չկայ մարդու բարոյական յատկանիշներու յառաջդիմութիւն»:
Մարդու բարոյական յատկանիշներու տեղքայլին հետ “լուսաւոր դար”ուն ստուերները կը կազմեն անգրագիտութիւնը, գործազրկութիւնը, ընկերային արդարութիւնը, անօթութիւնը:
Անօթութիւնը եւ սովահարութենէ մահացումները ներկայ մարդկութեան ամէնէն տխուր, ամէնէն դժխեմ, ամէնէն ամօթալի երեսները կը ցոլացնեն։ Ասիական եւ Ափրիկեան որոշ երկիրներու մէջ մասնաւորաբար, ընկերային պայմաններու յետամնացութիւնը եւ թշուառութեան ծայր աստիճան տիրապետութիւնը, այնպիսի՛ սուր հանգամանքի եւ աղիտալի տարողութեան հասած են, որ աշխարհն ու մարդկութիւնը ամչցնող տագնապ մը ըլլալէ բացի՝ ամէնէն մեծ բռնաբարումն են մարդուն ամէնէն նախնական իրաւունքին՝ սննդառութեան ապահովման։ Ինչպէ՛ս կարելի է հաշտեցնել եւ հաշտուիլ, որ տիեզերական թռիչքներու այս լուսաւոր դարուն մանուկներ սովահար մեռնին, մարդիկ անկողին մտնեն առանց պատառ մը հաց ծամած ըլլալու:
Մարդուն մարդկայնութիւնը եւ արդարաձայն խղճմտանքը տանջող երեւոյթ է, որ մարդկութեան միջազգային ընտանիքէն ներս գտնուին հաւաքականութիւններ՝ որոնք տառապին նախնական սնունդի պակասէն, հիւծին անօթութենէ եւ մահանան քսաներորդ դարու լոյսի շլացնող հեղեղներու տարափին տակ։
Անհատական թէ հաւաքական մակարդակի վրայ աշխարհի զանազան ծայրամասերուն վրայ ինչքա՜ն շռայլութիւններ անխնայ կերպով կը վատնուին, անարդարօրէն եւ ապօրէն եղանակներով կուտակուած ինչքան անհաշուելի հարստութիւններ կը պահուին, մինչ իւրաքանչիւր անօթութենէ հիւծող եւ մեռնող մարդ կը դառնայ նախատինք մարդկութեան միջազգային ընտանիքին համար եւ ոճիր՝ մարդուն դէմ։
Մարդկային իրաւունքի պայքարը համաշխարհային մակարդակի վրայ չի՛ կրնար իր ուշադրութիւնը հեռու պահել այսօր մարդուն դէմ գործուած այս ոճիրէն՝ գիտա-յեղափոխական այս ուսաւոր դարուն մէջ։ Մարդկային իրաւունքի բռնաբարման այլ բնագաւառները երկրորդական կը մնան, այնքան ատեն, որ համատարած աղէտի մատնուած երկիրներու մէջ, հանապազօրեայ հացի կարօտէն սուաղած մանուկներ փողոցներէն պիտի հաւաքուին, որպէս անշնչացած մարմիններու դիակներ։
Ո՞ւր կը մնայ մարդուն որպէս մարդ ապրելու տարրական իրաւունքը։ Մարդկային արժանաւորութիւնը…։
Աշխարհի արտադրական միջոցներու անսահմանափակ կարելիութիւնները մարդկութիւնը օժտած են նիւթական այնքան բարիքներով, որ այսօր մարդկութեան միջազգային ընտանիքը ի վիճակի է աշխարհէն վերացնելու թշուառութեան եւ անօթութեան հետքերն անգամ։ Կը մնայ, որ ճշմարիտ խաղաղութիւնը իրողապէս հաստատուի տիեզերքի վրայ, ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւնը ամրապնդուի, երկիրներ ու ժողովուրդներ վճռեն ապրիլ խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքի բարօրութեան մէջ եւ զիրար բնաջնջելու եւ իրարու վրայ տիրելու եւ տիրապետութիւն հաստատելու համար պատերազմական պիւտճէներու խնայողութիւնը ի գործ դնեն յօգուտ մարդկային բարօրութեան, մարդուն երջանիկ առօրեային։
Գիտա-հետազօտական տուեալներէ ի յայտ կու գան, թէ Լուսնի վրայ “Ապոլոն 12″ի անձնակազմին մնալու իւրաքանչիւր վայրկեանը արժած է երեսուն հազար տոլար, իսկ Գալիֆորնիոյ գիտական մէկ կեդրոնին կողմէ դէպի Մարս թռչելու նախագիծին յաջողութեան պիւտճէն, երթ ու դարձով, նախատեսուած է հարիւր միլիար տոլար։ Այս տուեալներէն մեկնելով է, որ Նոպելեան մրցանակաւոր Լ. Պոլինգ հետեւցուցած է. «Տիեզերական հետազօտութիւններու վրայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծախսուող գումարները, բաւարար պիտի ըլլային բոլոր զարգացող երկիրներու բնակչութեան կէսին, մէկ տարի սնունդով եւ հագուստով գոհացում տալու»:
Հակառակ այս իրողութեան մարդկային ճակատագիրը անգթօրէն կը տուայտի անօթութեան եւ սովահարութեան ճիրաններուն մէջ՝ Ափրիկեան երկիրներէն՝ Մոզամպիքի, Քենիայի,
Սուտանի, Մալիի եւ Եթովպիոյ սահմաններէն ներս։ Ըստ ՄԱԿ–ի կողմէ պատրաստուած վիճակագրութեան 150 միլիոն ափրիկեցիներ տեւաբար կը գտնուին անօթութեան եւ ողորմելի սննդառութեան պայմաններուն մէջ։ Տարին մէկ միլիոն մանուկ կը մահանայ։ Սուտանի 22 միլիոն բնակչութեան կէսը մօտաւորապէս անօթութեամբ մահուան սպառնալիքը կը դիմագրաւէ։ Քոլերայի համաճարակը ամէն օր հազարաւոր կեանքեր կը հնձէ։ Եթե շարունակենք ՄԱԿ–ի վիճակագրական տեղեկութիւններու համապատկերը՝ էջեր պիտի խլէ։ Այս առիթով մեր մտադրութիւնն է վիճակագրական կարգ մը տուելաներու մեկտեղումով ընդգծել աշխարհի եւ մարդկութեան համար աղէտին ողբերգական տարողութիւնը, որ իր դարով եւ դարուն լուսաւոր նուաճումներով հպարտ մարդը ամօթահար կը պահէ, նման մարդկայնօրէ՛ն սրտաճմլիկ ողբերգութեան առջեւ։
Մարդկային արժանաւորութեան դէմ ամէնէն մեծ սրբապղծութիւնն է թոյլ տալ, որ մարդը սովահարութենէ, անօթութենէ մեռնի, մարդ ըլլալը չզգայ, մարդկութենէն լքուի։
Աշխարհի զանազան անկիւններէն բարեսիրական եւ մարդասիրական օգնութիւններ փութացին, մեծ ու փոքր պետութիւններ օժանդակութեան ձեռք երկարեցին՝ անսալով ՄԱԿի հնչեցուցած ահազանգին։ Եղած մեծ ու փոքր տարողութեամբ նիւթականի եւ սննդեղէնի օժանդակութիւններուն մէջ, մե՛զ, հայերս յուզողը, մեր ազգային ինքնութիւնը շոյողը կը մնայ Ամերիկահայ դպրոցի մը սրտառուչ մասնակցութիւնը Ափրիկեան ցամաքամասի սովահարներու փրկութեան ծառայելիք օժանդակութեան։
Ահա պատմութեան համար արձանագրուած վկայութիւնը.
«Մենք, Յովնանեան վարժարանի աշակերտներս մեծապէս ազդուած ենք Եթովպիոյ ժողովուրդին պատահած աղէտէն։ Որպէս հայ ծնողներու զաւակներ լաւապէս գիտնալով եւ հասկնալով աղէտին ծանրութիւնն ու խորքը որոշեցինք մեր հաճոյքի դրամէն հանել Եթովպիոյ փոքրիկներուն. հաւաքեցինք 244,86 տոլար։ Երբ մեր վարժարանի բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Վահագն Յովնանհաններ լսեցին մեր նուէրի մասին, խոստացան նոյնքան չափով մասնակցիլ, ընդհանուր գումարը հասցնելով 509,72 տոլարի»:
Եղեռն ապրած ժողովուրդի մը բեկորներէն նորօրեայ եղեռնի ենթակայ սովահար մանուկներուն ընծայուած ամէնէն դոյզն այս նուէրը՝ խորհրդանշական իր իմաստով շատ բան կ՚ըսէ ու կը թելադրէ մարդկութեան…։
Բայց, ի՛նչ որ ալ ըլլայ դուրսէն հասած նուէրներու տարողութիւնը, հարցին լուծումը կապուած կը մնայ հիմնական մի ջոցներու գործադրութեան հետ։ Այս առնչութեամբ ՄԱԿի տնօրէններէն Էտուար Սամայի կարծիքը յատկանշական է իր թելադրականութեամբ. «Չի բաւեր թոներով սննդեղէն առաքել. անհրաժեշտ է մտածել տնտեսական զարգացման սատարող օժանդակութիւններու մասին»:
Տնտեսական զարգացումը պայմաններու բարելաւում կ՚առաջացնէ։ Բարելաւման գաղափարը իր մէջ կ՚ընդգրկէ հողագործական եւ գիւղատնտեսական արդիւնաբերութեան իրագործումը՝ յատկապէս բնակչութեան գերաճին դիմաց։
Գաղութարար պետութիւններ՝ Ափրիկեան երկիրներու բնական հարստութիւնները շահագործելէ ետք զանոնք ձգած են այսօր իրենց ճակատագրին՝ փշրանքներ միայն որպէս ողորմութիւն թափելով անոնց առջեւ…:
Այնքան ատեն, որ սովամահներու աշխարհ մը պիտի մնայ տիեզերքի վրայ, լուսաւոր դարուն ստուերն ու մարդկութեան ամօթը պիտի կազմէ սովահարութիւնը։

9 Դեկտեմբեր, 1985

 

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷՆ՝
ՎԷՐՔԸ ԱՇԽԱՐՀԻ

«Բայց ե՞րբ պիտի հասնի արշալոյսը մեր ազատագրութեան, ազատագրութիւնը գերութեան սարսափէն ու սարսափի գերութենէն, օ՜հ, այդ արդէն մեծ խորհուրդ է»։
ԱԼԷՆ ԲԷՅԹԸՆ

Աշխարհի վերքերը, որոնք առաջացած են տարբեր ցամաքամասերու ժողովուրդներու իրաւազրկումէն, ընկերա-քաղաքական, կրօնա-ցեղային ճնշումներէն, տագնապեցուցած են ու կը տագնապեցնեն մարդկութիւնը։ Մարդկային խղճմտանքի տէր գրագէտը եւ մարդկայնական ու ընկերային յառաջապահ մտածողութեամբ առաջնորդուող գրականութիւնը արտայայտելով տարբեր դարերու եւ շրջաններու տագնապները հարստացուցած են ու կը հարստացնեն գրականութեան համամարդկային խորքը, ընկերային բովանդակութիւնը։
Մարդկային ընկերութիւնը յուզող եւ ցնցող հոգեկան, ընկերային եւ բարոյական երեւոյթներու եւ իրադարձութիւններու ընդգրկումը գրական ստեղծագործութիւններու մէջ, չի սահմանափակուիր միա՜յն գեղարուեստական հաճոյքին առթած վայելքով, այլ մանաւա՛նդ կը ծառայէ կեանքին եւ ընկերութեան վրայ կատարելիք անդրադարձով եւ ազդեցութեամբ։ Գրականութիւնը անկախաբար իր արուեստի ձգտումէն, ընկերային կարեւոր, ազդեցիկ գործօն մըն է։
Ափրիկեան ցամաքամասը առհասարակ իր ամբողջութեանը մէջ հետաքրքրած է մարդկութիւնը՝ կրօնաբարոյական ուրոյն աշխարհահայացքներով, ցեղախումբերու խայտաբղէտ բարքերով, քաղաքակրթական եւ մշակութային այլազան ենթախաւերով, տնտեսական հարուստ կարելիութիւններով, որ շահագործման աղբիւր ծառայած է գաղութարար երկիրներու եւ վերջապէս ընկերային ու քաղաքական ազատագրութեան զարթօնքով։ Իր իւրայատկութիւններու գունագեղութեամբ թէ կրօնական խաչաձեւուող աշխարհահայացքներու խորհրդաւորութեամբ Ափրիկէ՛ն եղած է աշխարհի գրագէտները հետաքրքրո´ղ, ներշնչո՛ղ այնպիսի գրաւիչ ցամաքամաս մը, որուն կեանքէն քաղուած գրական ստեղծագործութիւնները կարեւոր թիւ կը կազմեն։ Ցեղային խտրականութեան անմարդկային վիճակն ու վերաբերումը, հակառակ ներկայ քաղաքակրթութեան լուսաւոր դիմագիծի՛ն եւ ժողովրդավարական սկզբունքներուն, միա՛յն Ափրիկէի յատուկ տագնապ չէ, այլ ընդհանրապէս աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ շարունակուող ազատագրական շարժում (Ամերիկայի մէջ հակառակ ցեղային խտրականութիւնը ջնջող օրինագիծին, մասնաւորաբար հարաւի նահանգներէն ներս սեւամորթները ստորադաս եւ ստրկացուցիչ պայմաններու ենթակայ կը մնան), բայց
Հարաւային Ափրիկէն է՚ ու կը մնայ իր ցեղային խտրականութեան սաստկացող մակընթացութեամբ, վայրագ ու անխնայ քաղաքականութեամբ, մարդկութեան մարդասէր զանգուածին ուշադրութիւնն ու կարեկցութիւնը իր վրայ պահող աշխարհի վէրքը։
Հարաւային Ափրիկէի վէրքը երգած ու երգող գրողներ եղած են ու կա՛ն, կամ տակաւին կը շարունակեն ցեղային խտրականութեան թունաւոր ճահիճին մէջ, անարդարութեան դէմ ցցուած ու պայքարող ամբոխներու ազգային ու ընկերային ձգտումներուն, յուսավար երազին թարգմանը հանդիսանալ, բայց Ալէն
Բէյթընի “Լա՛ց, Սիրելի Երկիր” վեպը, որ բազմաթիւ լեզուներով թարգմանուած ու վերահրատարակուած ըլլալուն նաեւ միջազգային ճանաչում ունի, Հարաւային Ափրիկէի վէրքով՝ ուրիշներու (ոչ ափրիկեցի) սիրտը մարդկային վիշտի, խռովքի եւ ցասումի կրակով այրո´ղ, եռեւեփո՛ղ եւ ալեկոծո՛ղ գիրքը կը մնայ…։
Ի՛նչն է ամէնէն աւելի, որ Ալէն Բէյթընի ի վէպը մարդկայնական խորութեան մակարդակին հասցուցած է։ Ա՛յն մտածողութիւնը յատկապէս, որ ցեղային խտրականութեան վերացումը, կամ այլագոյն–այլակրօն ցեղերու խաղաղ գոյակեցութիւնը կ՚որոնէ եղբայրութեան, սիրոյ, համերաշխութեան եւ գործակցութեան վրայ հիմնուած պետական ու ընկերային կառոյցին մէջ։ Իր երկրին եւ տառապո՛ղ–կեղեքուող ժողովուրդին լացը, իր գրագէտի հոգիին անկեղծութենէն բխող այնպիսի՛ յուզականութեամբ շաղախած է, որ ո՛չ միայն մինչեւ օրս հիւծող իր ժողովուրդը կը խռովէ, այլեւ կը վարակէ բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք իրաւազրկուած ու ճնշուած կ՚ապրին։ Ալէն Բէյթընով արտայայտուած Հարաւային Ափրիկէի լացը՝ լացն է բոլոր այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք ցեղապաշտ բռնութեան տակ կը տուայտին, ազատութեան կը ձգտին, բարօրութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կ՚երազեն…: Բայց, մանաւա՛նդ Ալէն Բէյթընի երկիրը՝ Հարաւային Ափրիկէն կը շարունակէ ապրիլ եկուոր փոքրամասնութեան մը. ցեղապաշտական խտրականութեամբ եւ անարդարութեամբ առաջնորդուող տխրահռչակ իրաւակարգին տակ։ Իրաւակարգ մը, որ յենած օտար ուժերու ժամանակավրէպ անթացուպերուն կը սրէ իր բռնութեան ժանիքները…:
Ալէն Բէյթընի վէպին հերոսները իրենց անունները փոխած, կ՚ապրին այսօր Հարաւային Ափրիկէի մէջ՝ սպիտակամորթ իշխանաւորին Պութոյի եւ իր բարոյազուրկ կառավարութեան աշխարհը զարմացնող եւ մարդկութիւնը սահմռկեցնող հալածանքի, ճնշումի, անմարդկային պայմաններուն ներքեւ։ Բանտերու մէջ եւ կախաղաններու վրայ,– աշխարհի տարբեր կողմերէն բարձրացող արդար ճիչերը անտեսող քարսիրտ անտարբերութեամբ,Հարաւային Ափրիկէի արիւնող վէրքը կազմող ցեղային ատելութիւնն ու խտրականութիւնը կը ճնշեն ու կը խեղդեն ազատութեան ու եղբայրութեան ձգտող նոր մարտիկներ։ Մարտիկներ որոնք կը կոչուին Սթիւ Պիքոյ (սեւամորթ ղեկավար՝ սպաննուած
1977-ին) կամ Նելսոն Մանտելա, որ 1963-էն ի վեր անարդարօրէն եւ անմարդկային պայմաններու տակ կը դիմադրէ կեանքին ու մահուան դէմ՝ բռնակալ Պութոյի ազատախեղդ բանտերուն մէջ…։
Շարբվիյ Սիքս քաղաքին մէջ այս օրերուն յայտնուած են Ալէն Բէյթընի “Լա՛ց, Սիրելի Երկիր” վէպին Ապսօլօմի տիպարը մարմնացնող հերոսները, որոնք սպիտակամորթի մը դէմ գործուած ոճիրին պատրուակով (ոճիր, որուն տուն տուող պայմաններէն ոչինչ փոխուած է) վեց սեւամորթներ դատապարտուելով կախաղանի՝ պիտի քաւեն իրենց գոյնին մեղքը։ Աշխարհի խիղճը ծակող այս անարդարութեան դիմաց ձայն բարձրացուցին աշխարհի մեծերը՝ մինչեւ Պապը։ Կը թուի թէ անդրդուելի ու անբեկանելի է ցեղապաշտ սպիտակամորթներու վճիռը, որ Հարաւային Ափրիկէի վէրքը խորացնող նոր բռնարարք մը պիտի հանդիսանայ…:
Այս իրադրութեան լոյսին տակ Ալէն Բէյթընի “Լա՛ց, Սիրելի Երկիր” վէպին ո՛չ միայն այժմէութիւնը,— տիպարներու եւ արծարծած հարցերու տեսակէտով, – կ՚արժեւորէ վէպը, այլեւ՝ մտածողութիւնն ու ոգին։
Ոգի մը, որ կ՚արտայայտէ սեւամորթ կամ խառնածին հեղինակին առարկայական հայեցողութիւնը՝ Հարաւային Ափրիկէի իրականութենէն եւ իրավիճակէն մեկնող։ Չի կրնար ընդունիլ եւ համակերպիլ, որ սեւամորթը իր գոյնին համար, իր սեփական հայրենիքին մէջ իրաւազրկուած ապրի։ Տեւաբար ենթակայ մնայ հալածանքի ու շահագործումի։ Մարդկային իրաւունքի եւ արժանապատութեան տեսանկիւնէն առարկայական մօտեցումով, իր վէպին մէջ զարգացող մտածողութեամբ կ՚առաջադրէ որ սեւերը եւս օժտուին կեանքի այնպիսի պայմաններով,– ուսման, ընկերային մակարդակի, մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան բարիքներէ օգտուելու տեսակէտով, որ ո՛չ միայն բարօրութեան հասնին, այլեւ դադրին մարդկայնութեան եւ ազնուութեան տիրացումով, մնալէ Հարաւային Ափրիկէի ընկերութեան պատուհասն ու չարիքը՝ յատկապէս սպանութեան, գողութեան, անառակ կենցաղի եւ անբարոյ կեանքի տխուր բարքերով։ Հոս կը կայանայ Ալէն Բէյթընի առարկայականութեան վաւերականութիւնը, որ հարազատ ցոլացումն է իր հոգիին եւ զինք շրջապատող իրական բայց մարդկային հոգին խոցող պայմաններուն եւ կացութեան։
Առարկայական մնալու այս սկզբունքն է, որ վէպին մէջ ցեղային ատելութեան ո՛չ մէկ նշոյլ թոյլ տուած է, որ երեւայ եւ այդ ոգին իր մէջ ծնած է հաւատքը սիրոյ եւ գործակցութեան ուղիին հանդէպ։ Ուղի մը, որ “գերութեան սարսափէն ու սարսափի գերութենէն” ազատագրուելով՝ որպէս արշալոյս պիտի բացուի…:
Ու եթէ՛, օր մը, Հարաւային Ափրիկէն դադրի ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան երկիր՝ աշխարհի վերքը ըլլալէ, դարմանէ՛ զինք իր սրտէն խոցող եւ արիւնող վերքը, Ալեն Բեյթընի “Լա՛ց, Սիրելի Երկիր” վէպին նպաստը, որպէս գրական երկի ընկերային գործօն, պիտի վերարժեւորուի անպայմանօրէն։

 

ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԱ

«Մեր ժողովուրդը կը պահանջէ ժողովրդավարութիւնը։ Մեր երկիրը, որ կը շարունակէ շնչահեղձ ու արիւնլուայ ապրիլ, կենսական պահանջքը ունի ժողովրդավարութեան»։
ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԱ
Ամերիկայի Գոնկրէսին առջեւ խօսուած ճառէն

Աննահանջօրէն եւ անվհատ կամքով 27 տարիներ ազատազրկութեան դատապարտուած, ո՛չ ոքի հետ չկարենալ տեսնուելու մարդկային եւ բանտարկեալի տարրական իրաւունքներէ զրկուած պայմաններով,— բանտի արեւազուրկ մենակեացի խուցէն, ճշմարիտ հերոսի վայել դիմադրականութեամբ եւ խիզախութեամբ` Նելսըն Մանտելա՝ իր երկրին եւ ժողովուրդին համար չհրաժարեցաւ երազելէ ժողովրդավարութիւն, արդարութիւն եւ ճշմարիտ հաւասարութիւն։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան իր կեանքին եւ պայքարին խորապէս արդարատենչ ձգտումով եւ գերազանցապէս մարդկային սեւեռակէտով ո՛չ միայն Հարաւային Ափրիկէի, որուն ազատագրութեան նուիրած էր իր կեանքը,- այլեւ՝ ամբողջ աշխարհին եւ մարդկութեան հերոսներէն մէկը համարուեցաւ այս դարուն…:
Դարը, հակառակ իր մարդկային, հոգեկան, բարոյական եւ ընկերային դիմազրկութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերային արժէքներու նուաճման համար ծնած հերոսներ ալ ունի։ Նելսըն Մանտելայի տիպարով հերոսներ…։
Հերոսներ, որոնք չհանդուրժելով որ իրենց ժողովուրդները կամ առ հասարակ մարդ էակը “շնչահեղձ եւ արիւնլուայ” մնան, ապրելով հակաժողովրդավարական, հակամարդկային եւ հակաընկերային պայմաններու տակ,– կրօնական հայեցողութեամբ եւս ոչ աստուածահաճոյ,– իրենք կը նախընտրեն անձնապէս ապրիլ դատապարտեալի ազատազուրկ կեանքը՝ յանո՛ւն այն հաւաքական տեսլականին, որուն համար անզիջող պայքարէն եւ անտեղիտալի հաւատքէն կը ծնի ճշմարիտ ազատութիւնը, յոյսի անմար կանթեղէն կը բոցավառի մարդկայնական արդարութեան լոյսը…: Ճշմարիտ հերոսները՝ ազգային ու մարդկային մակարդակներու վրայ՝ հաւաքական նուաստացումներէ կը նախընտրեն, կը գերադասեն անձնական նուաստացումը, իրաւազրկումը, բռնարարքներու ենթարկումը…: Անո՛նք, աներկիւղ կուրծք կը ցցեն բռնութեան դէմ…: Հոգիներ ու կամքեր կը սպառազինեն արդարութեան համար…: Հաւատքո՛վ կը պայքարին անիրաւութեան եւ ամէն ձեւի մարդը նսեմացնող եւ մարդկային արժանապատուութենէ զրկող խտրականութեան դէմ…: Ի խնդիր մարդու բարօրութեան իրաւունքին եւ մեծամասնութեան մը մարդավայել կեանքի մակարդակին, իրենց կեանքին օրինակով ներշնչելով հաւաքականութիւններ, կ՚առաջնորդեն զանոնք իրենց երազներուն իրականացման ճանապարհով…:
Նելսըն Մանտելա՝ հերոսի այս առաքինութիւնները իր անձին մէջ մարմնաւորեց եւ բացայայտեց այն օրէն ասդին, երբ վճռեց Հարաւային Ափրիկէի սեւամորթները իրենց դարաւոր ստրկութենէն եւ մարդկային տարրական իրաւունքներէն զրկող բռնատիրութեան կապանքներէն ազատագրելու ձգտող շարժումէն ու պայքարէն ներս ներգրաւուիլ։ Մանկութեան եւ ուսանողական տարիներէն ցեղային անիրաւութեան դէմ ցասումով խլրտած հոգին հետզհետէ կ՚ալեկոծէր, կը փոթորկէր եւ կը փնտռէր այն շարժումն ու հոսանքը, ուրկէ սլանար ազատագրական ոգորման իր սխրանքը։ Նելսըն Մանտելայի քայլերը կ՚ուղղուէին Ափրիկէի Ազգային Համագումար կազմակերպութենէն ներս. 1944-ին երբ 26 տարեկանին ձեռք ձգած էր իրաւաբանի վկայականը՝ որպէս մի՛ն առաջիններէն Հարաւային Ափրիկէի մէջ վկայուած փաստաբաններուն։
1912-ին հիմնուած Ափրիկէի Ազգային Համագումարը, որ սեւամորթներու քաղաքացիական իրաւունքներու խաղաղ պաշտպանութեան նուիրուած քաղաքական կազմակերպութիւնն էր, իր հիմնադրութեան թուականէն ասդին ենթակայ կը մնար Փրեթորիայի ցեղամոլ քաղաքականութեան վայրագ հալածանքին։ Փրեթորիայի բռնատէր իշխանաւորները ո՛չ միայն անտեսելով չէին ընդառաջեր սեւամորթներու Ափրիկէի Ազգային Համագումարով արտայայտուած դեմոկրատական եւ մարդկային իրաւունքներու խաղաղասիրական պահանջքներուն, այլեւ՝ աւելի կատաղութեամբ կը մոլեգնէին տարրական պահանջքներուն դրսեւորումին դէմ։ Կը սաստկացնէին հալածանքն ու պայքարը՝ խոշտանգելով, բանտարկելով, չարչարագին ճնշումներով եւ սպանութիւններով։
Ո՛չ մարդկային խղճին եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ առջեւ հաշուետու կը զգային…։ Ամէն օր փողոցներու թէ հանրային վայրերու մէջ սեւամորթներ կ՚իյնային անողոքաբար՝ մերթ սպիտակամորթ ոստիկաններու խարազաններու տակ թոպամահ, մերթ դարանակալ ոճրագործութեամբ։ Ո՛չ միայն արդարադատութեան օրէնք մը կար որ պատիժի ենթարկէր անօրէնն ու ոճրապարտը, այլեւ սեւամորթ սպաննողները կը քաջալերուէին ու կը գնահատուէին սպիտակ արդարադատութենէն”…։ Հարաւային Ափրիկէի հալածական սեւամորթները թշուառական խլեակներ որպէս՝ զուրկ մարդկային եւ ընկերային կարեկցութենէ՝ կ՚ապրէին թշուառութեան յետին պայմաններու տակ։ Ո՛չ մէկ նուազագոյն կանխահոգութիւն անոնց առողջապահութեան եւ գործի–աշխատանքի ապահովման համար…։ Հալածանքէ ու թոպամահութենէ զերծ մնացածներէն շատեր կը մահանային անօթութենէ, վատառողջ սննդառութեան անդիմադրելի պայմաններէն…։
Ստրկացուցիչ, մարդը ստորագարշ պահող ու դարձնող տաժանելի ու մարդկայնօրէն անկրելի այս լուծին դէմ պայքարող սեւամորթ ղեկավարներով կը լեցուէին Հարաւային Ափրիկէի բանտերը։ Սեւամորթներու որեւէ քաղաքական կազմակերպութիւն հակաօրինական սեպուելով բացարձակապէս արգիլուած էր:
Ահա ճշմարիտ պատմութիւնը Հարաւային Ափրիկէի խառնածին բնակիչներէն 15 տարեկան Սանտրայի, իր իսկ խոստովանութեամբ, իբր խօսուն պատկեր։ Ըստ վերջին վիճակագրական տուեալներու Հարաւային Ափրիկէի բնակչութեան 73% սեւամորթներ են. 15% ճերմակամորթներ. 9% խառնածիններ. 3% ասիացիներ: Աւելի քան 300 տարիներէ ասդին, սպիտակամորթ եկուոր փոքրամասնութիւնը զօրակցութեամբ եւրոպական գաղութարար տէրութիւններու, պետական կառոյցին գլուխը անցած, սպիտակամորթերուն վերապահելով ամէն առանձնաշնորհում, ցեղային խտրականութեան քաղաքականութեամբ, որ միջազգային բառով “Ափարտէիտ” (Apartheid) բնորոշումով ծանօթ է, ճնշեց եւ իրաւազրկեց բնիկ սեւամորթ մեծամասնութիւնը։
«Սանտրա 15 տարեկան է։ Ան կ՚ապրի Եուհաննէսպուրկ։
(Հարաւային Ափրիկէի մեծ քաղաքներէն մին) օր մը իր դպրոցին տնօրէնը իրմէ կը պահանջէ բժշկական քննութեան ենթարկուիլ։Քննութիւն մը, որ դպրոցին հետ առնչուած չէր, այլ իր մորթին սպիտակ թէ սեւ ըլլալուն։
Արդարեւ, Սանտրա իր դասարանի ընկերներէն շատերուն ծնողներէն կ՚անհանգստանար, որովհետեւ անոնց ճաշակով ինք ունէր շատ մսեղ շրթունք մը եւ շատ տափակ քիթ մը։ Բժշկական քննութեան արդիւնքով Սանտրա խառնածին կ՚որակուի [Metisse վճիռը յայտարարուած էր։ Սանտրա հիասթափ ու այլայլած կը ճչայ.
– Բայց, այս անկարելի է, իմ հայրս եւ մայրս ճերմակ են։
Ո՛չ մէկ նշանակութիւն կ՚ունենայ Սանտրայի հակազդեցութիւնը։ Յաջորդ օրն իսկ խզուելով ընտանիքէն կը հեռանայ։ Ա՛լ չ՚ուզեր ապրիլ հո՛ն ուր ճերմակները կ՚ապրին…։ Չ՚ուզեր մտնել նո՛յն ճաշարանները, ծովաբաղնիքները, օգտագործել նոյն փոխադրամիջոցները։ Ամենեւի՛ն կ՚որոշէ չամուսնանալ սպիտակամորթի հետ…։ Զրկելով ինքզինք սպիտակամորթներու առանձնաշնորհումներէն կը նախընտրէ ապրիլ սեւամորթներու հետ, իրենց պէս…։
Ցեղային զազրելի այս խտրականութենէն, “Ափարտէիտ”-էն ծանրօրէն եւ հոգեպէս ճնշուած, ցեղակրօն ընկերութեան մը դէմ իբր վրէժխնդրութիւն` Սանտրա կ՚ամուսնանայ սեւամորթի մը հետ եւ կ՚ունենայ սեւամորթ զաւակներ։ Մինչեւ օրս Սանտրա կ՚ատէ սպիտակամորթները…:
Ինչքա՜ն ժամանակի կը կարօտի ատելութեան այս թոյնը մաքրելու համար՝ երկու ցեղերուն մէջէն…»:
(“L՚Orient-Le Jour” Շաբաթ, 6 Յուլիս, 1991)
Նելսըն Մանտելա սպիտակամորթներու դէմ պայքարելով ատելութեան թոյնը թանձրացնելու համար չէ, որ հրապարակ կու գայ, կը դառնայ քաղաքական ու յեղափոխական առաջնորդ, այլ՝ “սեւ ծնած ըլլալը երկնային պատիժ” ու դատակնիք համարող ցեղամոլ մտայնութեան վերացման, սպիտակամորթներու եւ սեւամորթներու խաղաղ համակեցութեան եւ սեւամորթներու քաղաքացիական համահաւասար իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ձեռք բերման ի խնդիր։ Դարերէ ասդին շարունակուող եւ գաղութարար տէրութիւններու կողմէ իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերուն համար օգտագործուող եւ հրահրուող ցեղամոլական ատելութիւնները թօթափելով մարդկային նո՛յն ընտանիքին ու նո՛յն ընկերութեան պատկանելիութեան սկզբունքներէ առաջնորդուող ընկերային հայեցողութիւնն էր Նելսըն Մանտելայի պայքարին սեւեռակէտը։ Ահա թե ինչո՛ւ ան, եթէ մէկ կողմէ ուղղուած էր Հարաւային Ափրիկէի պետական իշխանութիւնը կայսերապաշտներու զօրակցութեամբ իրենց տիրակալութեան տակ պահող եւ ցեղային խտրականութիւնը վայրագօրէն գործադրող քաղաքականութեան դէմ, իսկ միւս կողմէ իրեն համար թիրախ ունէր այն արտաքին բոլոր ուժերը որոնք դաւադրաբար կը ձգտէին Հարաւային Ափրիկէն պահել իր ցեղային ատելութեան մշտաբորբոք եւ թունավառ մթնոլորտին ձգտուածութեամբ։ Ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը,– իբր ընկերաքաղաքական մտածողութիւն՝ կ՚ընդհանրացնէր Նելսըն Մանտելա, Ափրիկէ կու գայ ծպտուած կերպարանքով։ Ամերիկեան դրամագլուխը ողողած է Ափրիկէն ո՛չ թէ ժողովուրդին կենսամակարդակը բարձրացնելու, այլ՝ շահագործելու համար ժողովուրդին եւ անոր ցամաքամասին բնական հարստութիւնները։
Զինք կանխած սեւամորթ այլ ղեկավարներու օրինակով եւ ներշնչումով Նելսըն Մանտելա սեւամորթը սպիտակամորթին դէմ մոլեգնեցնող կիրքերը չէ՛ր որ կը հրահրէր, այլ՝ յատկապէս իր շուրջ համախմբած երիտասարդութեան մէջ կը զարգացնէր ցեղային ատելութենէ եւ խտրականութենէ բոլորովին զերծ ազգային-քաղաքական գիտակցութիւնը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Նելսըն
Մանտելա որդեգրելով Ափրիկէի Ազգային Համագումարի ցեղային խտրականութեան դէմ ո՛չ բռնութեան քաղաքականութիւնը, կը հետեւէր անոր “խաղաղ Պայքար”ի ոճին։ Կը հաւատար ժողովրդավարական սկզբունքներու առաջնորդութեամբ խաղաղարար երթով հասնիլ ազգային-քաղաքական նպատակներու իրագործման։
“Խաղաղ Պայքար”ի ոճին հանդէպ հաւատքով սկսած իր գործունէութեան մէջ չ՚ուշանար Նելսըն Մանտելայի յուսախաբութիւնը՝ դէմ յանդիման անզիջող խտրականութեան մը ցեղակրօն վայրագութեան եւ անմարդկայնութեան։
Օր մը սիրտը մորմոքող վիրաւորանքով եւ դառն հիասթափութեամբ Նելսըն Մանտելա կը վերադառնայ տուն։ Վիրաւորանքը մարդկային արժանապատուութեան դէմ էր, իսկ հիասթափութիւնը՝ իր հաւատքէն: “Պաս” բարձրանալէ ետք իջեցուցած էին զայն, որովհետեւ չունէր ան կառավարութեան կողմէ սեւամորթներու համար պարտադրուած շրջանէ մը ուրիշ շրջան փոխադրուելու յատուկ արտօնաքարտը: Պահ մը կ՚արգահատէր իր սեւ ըլլալէն…։ Հոգեպէս կը ցնցուէր սեւ ըլլալու ճակատագիրէն, մտածելով թէ արդեօք իրապէ՞ս սեւ ծնած ըլլալը երկնային պատիժ մըն էր իրեն եւ ուրիշներուն համար…: Բայց շատ չանցած, ինքնագիտակցումով մը կ՚անդրադառնար թէ իրեն ճակաագրուածը երկնային պատիժ մը չէր, այլ` երկրային…։ Ու հիասթափման այդ օրը ճակատագրական կ՚ըլլար Նելսըն Մանտելայի համար երբ կը վճռէր երկրային պատիժէն ազատագրուելու համար հրաժարիլ “խաղաղ պայքար”ի ոճէն եւ հակաբռնատիրական զինեալ գօտեմարտի անցնիլ։ «Զինեալ պայքարը կ՚ըսէ ան, կառավարութեան կողմէ պարտադրուեցաւ մեզի։ Պայքարը կեանքս է, մինչեւ վերջին շունչս պիտի շարունակեմ կռուիլ ազատագրութեան դատին համար»:
Հարաւային Ափրիկէի ազատագրութեան մարտիկն ու ղեկավարը այնուհետեւ կը դառնայ Փրեթորիայի սարսափի յեղափոխական ուրուականը։ Ամբոխներ իր ետին, ինք ամբոխներու առաջ մինչեւ կեանքին վերջին շունչը կռուիլ վճռած յեղափոխականը, ո՛չ հալածանքէն, ո՛չ հետապնդումներէն եւ ոչ ալ մահէն կը սարսափի, կ՚ընկրկի…։ Հերոսաբար կը դիմագրաւէ այդ բոլորին վտանգները…։ Ընդհակառակն, իրմո՛վ, իր մարտաշունչ պայքարին ահեղ թափով լայնատարած ծաւալ ստացած յեղափոխութեան յորձանքէն կը սկսին սարսափիլ Փրեթորիայի բռնաւորները, որոնք ո՛չ միայն ճնշումի ամէն հնարք ու միջոց ի գործ կը դնեն, այլեւ՝ օր առաջ կ՚ուզեն չէզոքացնել Հարաւային
Ափրիկէի ազատագրութեան խորհրդանիշի վերածուած՝ Նելսըն Մանտելան։
Սեւամորթներու ազատագրութեան խորհրդանիշին անձնուէր կեանքին փոթորկայոյզ ընթացքը յաճախ կ՚ընդմիջուի բանտարկումներու ընդհատումներով, որոնք ո՛չ մէկ կերպով սակայն, կ՚ազդեն հաւատքի եւ գաղափարի մարդուն ներզօրութեան վրայ։
Առաջին անգամ Նելսըն Մանտելա ձերբակալուելով կը բանտարկուի 1952–ին։ Բանտային կեանքի դաժան փորձառութենէն ինն ամիս ետք, առաւե՛լ կոփուած դուրս կու գայ։ Կը վերադառնայ կեանքին ու պայքարին։ Ո՛չ զինք այնուհետեւ “դաւաճանութեամբ” դատապարտող Փրեթորիայի վճիռը, ո՛չ իբրեւ “ահաբեկիչ” հռչակումը, ո՛չ ալ բանտի ու զնտանի նոր սպառնալիքները կը տկարացնեն եւ կը շեղեցնեն այն վեհագոյն նպատակի ուղիէն, որ ազգային դատի զինուորագրեալի մը սրբազան առաքելութիւնն էր՝ ի խնդիր արդար, իրաւահաւասար եւ խաղաղ
Հարաւային Ափրիկէի մը։ Խաղաղութեան եւ համակեցութեան համար մարտնչողին հոգեկան ցնցումը մեծ կ՚ըլլայ, երբ 1960-ին
Շարփվիլի խաղաղ ցոյցին մասնակցող 69 սեւամորթներ գազանօրէն կը սպաննուէին ոստիկաններու կողմէ։ Ափրիկէի Ազգային Համագումարի արգիլումէն ետք, ընդյատակեայ զինեալ պայքարը աւելի եւս կը սրի։ Նելսըն Մանտելա չգոհանալով միայն ընդյատակեայ զինեալ պայքարով, միջազգային հանրային կարծիքը Հարաւային Ափրիկէի սեւամորթներու իրաւազրկումներով յատկանշուող դժբախտ ճակատագրին վրայ հրաւիրելու գաղտնի առաքելութեամբ 1961–ին կ՚ուղեւորուի Անգլիա, ուր կը տանի քարոզչական լայն աշխատանք։
Վերադարձին՝ 5 Օգոստոս 1962՝ Նելսըն Մանտելա դէմ յանդիման կը գտնուի Փրեթորիայի ազատախեղդ ոստիկաններուն։
Շղթայակապ կը տարուի բանտ։ Արտաքին աշխարհի հաղորդակցութենէն ամբողջութեամբ խզուած բայց երբե՛ք չսասանող խիզախ յեղափոխականը, երբ 1964, Յունիս 12–ին ցկեանս բանտարկութեան կը դատապարտուի՝ Փրեթորիայի իշխանութեան դէմ դաւադրած ըլլալու ամբաստանութեամբ՝ ինքնապաշտպանութեան խօսքին մէջ կը յարէ.
«Մեզի կը մնար ընտրել. կա՛մ խոնարհիլ բռնութեան առջեւ եւ կա՛մ հնազանդիլ մեր խղճին»:
Խղճի ազատութեան ընտրանքը Նելսըն Մանտելան կ՚առաջնորդէ առանձնացած կղզեակի մը բանտի մենաւոր ու անլոյս խուցը։ Նելսըն Մանտելայով կը շղթայուէր ազատութիւնը։ Կը բռնադատուէր արդարութիւնը։ Կ՚ոտնահարուէր հաւասարութեան պահանջքը։ Կը խեղդուէր խղճին ճիչը։ Կը բռնաբարուէր մարդկային իրաւունքը։
Ու որքա՜ն ալ, մէկ կողմէ Փրեթորիայի նեցուկ երկիրներու պետական շրջանակներու անտարբերութիւնն ու լռութիւնը՝ Նելսըն Մանտելայի ցկեանս բանտարկութեան աղաղակող անիրաւութեան նկատմամբ՝ Մարդկային Իրաւանց հարցին համար մեղանչումի նոր խարան մը կազմէր, միւս կողմէ սակայն, աշխարհով մէկ դեմոկրատական շարժումներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նուիրուած երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու համար ալ առիթ կը դառնար քարոզչական արշաւ եւ գործունէութիւն ծաւալելու՝ ի նպաստ Մանտելայի ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան։ Երկրէ երկիր եւ ալիք առ ալիք աշխարհի մէջ համակրանքը Նելսըն Մանտելայի նկատմամբ կը ծաւալի։ Համալսարաններ “Պատուոյ Դոկտորայի” տիտղոսներ կը շնորհեն. փողոցներ, թաղեր եւ հրապարակներ իր անունով կը կնքուին։
Բայց մինչեւ 1977` աշխարհէն, իր ընտանիքէն խզուած եւ տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուած հերոս բանտարկեալը, անհաղորդ կը մնար բացի իր երկրէն, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ստեղծուած համակրալիր շարժումներէն։
Ինք ամէն առաւօտ ժամը 5-ին պիտի արթննար եւ ուշ երեկոյեան իր բանտի խուցը պիտի վերադառնար՝ մահատանջ ֆիզիքական աշխատանքներէ եւ հոգեկան լլկումներէ ետք…: Իր դահիճներուն ոճրային մտադրութիւնն էր զինք տանջամահ դարձնել…:
Ինչպէս կեանքի պայքարին մէջ, նոյնպէս բանտի մահատանջ եւ դարանակալ ստուերներու հալածանքներուն դէմ դիմադրելով անյողդողդ մնաց: Յուսազուրկ խլեակի չվերածուեցաւ…: Հերոս էր, հերոսական կեանքը շարունակեց։ Ամէն առաւօտ, այսինքն՝ 9865 առաւօտներ արթնցաւ եւ իր հոգեխօս աղօթքները յոյսին դռները բաց պահեցին ի խնդիր այն մեծ առաւօտեան լոյսին, որ պիտի բացուէր իրե՛ն եւ իր ժողովուրդին համար…։ Ճնշուածներուն եւ անիրաւուածներուն Աստուածը չլքեց, որ ան կքի, բեկբեկի, փոշիանայ եւ անէանայ…: Պահեց եւ զօրացուց զայն, ի խնդիր այն երազին, որուն համար Նելսըն Մանտելա ազատագրութեան ջահը հոգիին մէջ, տուայտելով կ՚ոգորէր բանտի խաւարամած պատերուն դէմ…։
Ինչպէս խաւարի եւ խաւարամտութեան ուժերը չյաջողեցան յաղթել, բանտի խաւարն ալ չկրցաւ զգետնել զինք, որովհետեւ ո՛չ իսկ մէկ ակնթարթ կորսնցնելով իր հաւատքը, մթութեան քաոսին մէջ մռայլուելով հոգին, իրմէ հեռացուց լոյսը…: Լոյսին տառապանքով լոյսին ձգտումը չմեռաւ իր մէջ…: Թուեցաւ իրեն, որ բանտը իր կեանքի փորձութեան հանգրուանն է, որմէ ո՛չ միայն պիտի չընկրկէր, այլեւ՝ իբր իր հոգիին քուրան թրծուէր, կրթուէր եւ ամրանար…։ Նելսըն Մանտելա բանտային կեանքի 27 տարիներու ընթացքին կռանուած երկաթի նման ամրացաւ։
Որովհետեւ, լաւ սերտելով եւ ուսումնասիրելով տառապանքի իմաստասիրութեան դասը, խորացաւ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ…:
Բանտի անեզր տառապանքին իմաստասէրը խորապէս հասկցաւ առանձնութեան հոգելլկիչ իմաստը…։ Ինքզինքին եւ միայն Աստուծոյ հետ մնալու փորձիչ միայնութիւնը…: Տառապանքի իմաստասիրութեան մէջ խորասուզուած հերոսը ինչպիսի հոգեկան տոկունութեամբ հանդուրժեց ոչ ոքի հետ խօսելու, ոչ ոքի ժպիտը ընդունելու դատապարտումը…: Աստղերու ցոլանքին թարթումէն հեռու աչքերը մութին մէջ երազեցին միայն ու հոգին ինքնախօսութեամբ լոկ բաւարարուեցաւ…։
Մտքով թէ հոգիով կը դեգերէր յաճախ՝ դուրսը հալածուող, ճնշուող սեւամորթներու ճակատագրին շուրջ…: Հիմա, կը շարունակէին իյնալ անոնք սպիտակամորթներու անկարեկիր գնդակներով…։ Սեւ ծնած ըլլալու մեղքո՞վ… թէ պատիժո՛վ…։
Ի՛նք՝ բանտէն իսկ կը պայքարէր մարդու կողմէ մարդու դէմ գործադրուող այս անըմբռնելի անիրաւութեան դէմ…:
Աշխարհ, – յատկապէ՛ս Մարդկային Իրաւանց ծաւալող շարժումները,— չէին մոռնար, որ Քեյփթաունի բացերը առանձնացած կղզեակի մը Ռոպինֆորտի բանտին մէջ անմարդկայնօրէն կը տառապէր, կը հիւծէր Մարդկային Իրաւանց դատին նուիրուած հերոս մը…: Հերոս մը, պայքարող մը, որ ո՛չ մէկ կերպով տեղի կու տար։ Զղջում յայտնելով կը զիջէր Փրեթորիայի իշխանաւորներու զինք ազատ արձակելու հրապուրիչ խայծերուն առջեւ սեւամորթներու քաղաքացիական իրաւունքներու պահանջատիրութենէն։ Ընդհակառակն, բանտէն կը ճնշէր Փրեթորիայի վրայ մերժելով 1985-ին Փիեթր Պոթայի զինք ազատ արձակելու առաջարկը՝ այն պայմանաւ որ հրաժարէր Ափրիկէի Ազգային
Համագումարի դրօշին տակ պայքարը շարունակելէ…։ Պայքարը իր սեփականութիւնը չէր, այլ՝ ամբողջ ժողովուրդինը…։
Զգաստացուցի՛չ էր Նելսըն Մանտելայի հակազդեցութիւնը.
«Բանտարկեալները չէին կրնար բանակցութեան նստիլ։ Ես չեմ կրնար եւ պիտի չձեռնարկեմ որեւէ շարժումի, այնքան ատեն, որ ժողովուրդը չէ ազատագրուած»:
Նելսըն Մանտելայի անզիջող, հերոսական կեցուածքին եւ աշխարհի զանազան անկիւններէն, որ ընդգրկած էր նաեւ պետական եւ եկեղեցական շրջանակները, բարձրացող մարդկայնական ձայնին առջեւ հետզհետէ տեղի կու տային Փրեթորիայի իշխանութիւնները։ Կ՚արտօնէին Նելսըն Մանտելային, որ այցե լուներ ընդունի, ձայնասփիւռ լսէ, պատկերասփիւռ դիտէ, գիրք կարդայ… :
1978-ին, երբ առաջին անգամ թոռնիկը տեսնելու բախտաւորութեան կ՚արժանանայ, որ իրեն այցի բերած էին, դիտելով անոր սեւագանգուր մազերը եւ թափանցելով վաղուան աշխարհը բովանդակող անմեղունակ աչքերուն խորը, կը խորհրդածէր.
– Սիրելի Նելսըն, ես պիտի մեկնիմ աշխարհէ մը, ուր դուն նոր կու գաս: Գալուստդ բարի եւ կեանքիդ պայմանները արդա՛ր պիտի ըլլան…: Կը հաւատամ, որ մեծ հայրդ ճնշած ու ընկճած ցաւը քուկդ պիտի չըլլայ, որովհետեւ դուն պիտի չզգաս թէ սեւ ծնած ըլլալդ երկնային պատիժ մըն է. թէ ծնած վայրկեանէդ ճակատագրուած ես դժբախտ ըլլալու եւ մնալու։ Քե՛զ սպիտակամորթ տարեկիցէդ բաժնող պատնէշները պիտի քանդուին. պատնէշներ՝ որոնք ծնած վայրկեանէդ բարձրացուցած են խտրականութեան թոյներով։ Երազս է, որ այդ զազրելի թոյնէն չվարակուած փշրուին այն կապանքները, որոնք քեզ կը մեկուսացնեն քու հայրենիքիդ օրինական եւ սահմանադրական կեանքէն. տարիքիդ յատուկ առանձնաշնորհումներէն…։ Կը հաւատամ, որ տարեկից սպիտակամորթ մանուկին հետ կողք-կողքի պիտի նստիք նոյն դպրոցի նո՛յն գրասեղաններուն առջեւ. հասակ նետէք նոյն արդար արեւին տակ եւ միասնաբար պիտի կերտէք Հարաւային Ափրիկէի լաւագոյն ապագան՝ երբ այլեւս պիտի չըլլան սեւի եւ ճերմակի խտրականութիւնը, ատելութիւնը, այլամերժութիւնը, օտարացումը…: Ես կը հաւատա՛մ :
Այս հաւատքով աշխարհէն չմեկնած, իր ծննդեան 72-րդ տարեդարձի նախօրեակին, աշխարհի համամարդկային խղճին բարոյական ճնշումին առջեւ բացուեցան բանտին դռները եւ Նելսըն Մանտելա յաղթականօրէն, ազատութիւնը թեւատարած գրկելով վերստին աշխարհ մուտք գործեց, 11 Փետրուար, 1990-ին։
Երիտասարդ էր արգելափակուեցաւ, ծեր էր արդէն, ձիւնը իջեր էր մազերուն երբ ձերբազատուեցաւ։ Բայց հոգիո՛վ, հաւատքո՛վ եւ պայքարի՛ կորովով Երիտասարդ մնացած էր ան…։
Նելսըն Մանտելա շարունակեց հաստատակամօրէն քալել այն ուղիէն, որ սկսած էր արգելափակումէն առաջ։ Իր հետ էր աշխարհին համակրանքը։ Յաղթական հերոսի մը ընդունելութիւնը վերապահուեցաւ իրեն՝ այցելած երկիրներէն յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Լեխ Վալեսայէն ետք, երկրորդը եղաւ ան, որ առա՛նց կառավարութեան մը կամ պետութեան մը պետը եղած ըլլալու, հրաւիրուելով ամերիկեան Գոնկրէսի կողմէ, պաշտօնական ելոյթ ունեցաւ եւ պահանջեց որ ամերիկեան կառավարութիւնը շարունակէ օգնել Հարաւային Ափրիկէի մէջ ճշմարիտ “ցեղային ժողովրդավարութեան” մը հաստատումին։ Իր պայքարին բարոյական կորովը պահող ղեկավարի վճռակամութեամբ Նելսըն Մանտելա շեշտեց, որ 1986-ին, Նախագահ Ռիկընի վարչութեան կողմէ հակառակ նոյնիսկ Փրեթորիայի համակիր Ռիկընի վեթոյին, առնուած տնտեսական պատժամիջոցի որոշումը ի զօրու մնայ՝ այնքան ատեն, որ «վերացուած չեն այդ որոշումին տուն տուող պատճառները եւ ժողովուրդս կը շարունակէ մինչեւ օրս նոր զոհեր տալ, Հարաւային Ափրիկէի ցեղամոլ պետութեան զինեալ գործակալներուն կողմէ, որոնք իրենց կրակին թիրախ ունին այն միակ գաղափարը, որ կը մարմնացնէ ցեղային ժողովրդավարութիւնը։ Մեր ժողովուրդը կը պահանջէ ժողովրդավարութիւնը։ Մեր երկիրը, որ կը շարունակէ շնչահեղձ ու արիւնլուայ ապրիլ, կենսական պահանջքը ունի ժողովրդավարութեան»:
Բացի պետական մակարդակի յարգանքի եւ համակրանքի արտայայտութիւններէն՝ Նելսըն Մանտելա որպէս իրաւազրկուած ժողովուրդի մը ժողովրդանուէր ղեկավարը արժանացաւ ժողովրդական խանդավառ ցոյցերով ցուցաբերուած սիրոյ ընդունելութեան։ Սպիտակամորթներէ եւ սեւամորթներէ խառն բազմութիւնն էր (Նիւ Եորքինը աւելի քան 700,000) հպարտութեան զգացումներով կ՚ողջունէին զինք իբր բացառիկ քաջութեամբ ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնառու այն սէմպոլիք հերոսը, որ յուսահատիլ չճանչցող անընկճելի կամքին զօրութեամբ եւ 27 տարիներու բանտային կեանքի անձնազոհութեան վկայութեամբ, ո՛չ միայն կը մարմնացնէր սեւերու ազատագրութեան խորհրդանիշը, այլեւ՝ կը համարուէր աշխարհի մատի վրայ հաշուուող վաւերական դէմքերէն։ Այնպիսի անձնուրաց դէմք մը, որ արիութեամբ կրնայ կեանք արժող եւ մահ սպառնացող ճակատագրական ոչը ըսել, չհամակերպիլ, չզիջիլ…։
Ամէն վայրկեան պատրաստ՝ սրբազան դատի մը համար գիտակցական մահը ընդունելու…։ Տակաւին՝ Նելսըն Մանտելայի՝ քաջութեան եւ յոյսի մարդու տիպարին մէջ մարմնացած կը տեսնէին ամերիկացի սեւամորթ առաջնորդներու՝ Մարթին Լութեր Քինկ, Տուկլաս՝ բարոյական արժէքները, խաղաղութեան մարդու իտէալը, որ հաւատալով բազմացեղեան ընկերութեան մը համար արդար եւ իրաւահաւասար իրաւակարգի մը, կ՚ընդունէր ճերմակներու նաեւ քաղաքացիական իրաւունքները։
Ահա թէ ինչո՛ւ Նելսըն Մանտելայի բանտէն արձակումը յաղթանակին մէկ երեսը կը կազմէր, իսկ անոր Ամերիկա այցելութիւնը կու գար պսակելու իր յաղթանակին միջազգային երեսը։ Մէկ կողմէ` Հարաւային Ափրիկէին եւ Նելսըն Մանտելային երես դարձուցած Ամերիկան պաշտօնապէս եւ պետական մակարդակով կ՚ընդունէր դատին իրաւացիութիւնն ու դատին մեծ Նուիրեալը, միւս կողմէ՝ Ամերիկայի Մարդկային Իրաւանց կազմակերպութիւններն ու ժողովրդական շրջանակները Նելսըն Մանտելային Ամերիկա այցելութենէն մեծապէս քաջալերուած նոր ներշնչումներ կը ստանային…։
Պետական թէ ժողովրդական մակարդակներու վրայ երկու յատկանշական երեւոյթներ կը կազմէին վկայութիւնը Նելսըն Մանտելայի հանդէպ ցուցաբերուած սիրոյ եւ յարգանքի բացառիկ ընդունելութեան։ Նիւ Եորքի քաղաքապետը քաղաքին բանալին կը յանձնէր անոր, իսկ տուն մաքրող համեստ կին մը պոռթկումով մը կը բացագանչէր. «Ես այս մեծ մարդը կ՚ուզեմ տեսնել»:
Հարաւային Ափրիկէի սեւամորթներու, Ափրիկէի Ազգային Համագումարի պայքարները եւ ամերիկացի համեստ կնոջ մը սրտէն եւ ենթագիտակիցէն բխած բնորոշումով “Մեծ Մարդուն” 27 տարիներ բանտէն մղած բարոյական պայքարի ճնշումները յաղթանակը վերջնական հանգրուանին չհասցուցին թէեւ, բայց ապահովեցին առաջին հերթին “ափարթէիտ”ի ջնջումը, սեւամորթներու կեանքին վերաբերեալ բարեկարգութիւններու քաղաքականութեան որդեգրումը։
Հարաւային Ափրիկէի բարեկարգութիւններու տրամադիր նախագահը՝ Ֆրետիրիք Տը Քլէրք յայտարարեց նոր սահմանադրութեան մը հռչակումը, որ կ՚ընդունէր հարաւ ափրիկեան բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքը կառավարութեան մասնակցութեան բոլոր մակարդակներու վրայ, բաժնելով իշխանութիւնը բոլորին միջեւ՝ առանց որեւէ տիրապետական առանձնաշնորհումի։
Ֆրետիրիք Տը Քլարք իր այս քաղաքականութեամբ, ի հեճուկս սպիտակամորթներու ծայրայեղական թեւին՝ հոլանտական ծագումով աֆրիքականներուն, կը բացուէր սեւամորթներուն քաղաքացիական պահանջքներուն գոհացում տուող բարեկարգութիւններուն, պատրաստակամութիւն յայտնելով Ափրիկէի Ազգային Համագումարի ղեկավարութեան հետ երկխօսութեան։
Ցեղային խտրականութեան պետական եւ իրաւական հիմք տուող օրէնքին ջնջումը կ՚ազատագրէր Հարաւային Ափրիկէի սեւամորթը աշխարհի ամէնէն անմարդկայնական եւ ստրկական դրութենէն, որ ծնունդէն մինչեւ մահ զայն կը պահէր ցեղային խտրականութեան ենթակայ անիրաւութեամբ։ Երեք հարիւր տարիներէ ի վեր շարունակուող ցեղային (սպիտակամորթ) մենատիրութեան առայժմ տեսականօրէն վերջ տրուիլը Հարաւային Ափրիկէի կեանքին համար խաղաղ համակեցութեան էջը կը բանար՝ սեւամորթներու սպիտակամորթներու հետ համահաւասար քաղաքացիական իրաւունքներու ճանաչումով։
Բազմաթիւ ընկերային եւ հողաբաշխումի կնճռոտ հարցեր ժողովրդավարութեան սկզբունքով լուծումի եւ բարեկարգումի կը կարօտին: Բայց հարցերուն հիմնահարցը կը մնայ ցեղային ատելութեան հոգիներէն ջնջումով հոգեբարոյական ազատագրութիւնը…։ Ահա թե ինչո՛ւ ցեղային ժողովրդավարութեան համար ամբողջ կեանք մը նուիրած հերոսին՝ Նելսըն Մանտելայի կարգախօսը կը շարունակէ մնալ. «Պայքարը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի մինչեւ խտրականութեան քաղաքականութեան վերջնական տապալումը»։ Մինչեւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ ցեղային ժողովրդավարութեան իրաւական եւ գործնական գետինի վրայ կենսահաստատումը…:

17/9/1991

3.Պ.

Այն պահուն, երբ Հարաւային ափրիկէի մէջ վայրագօրէն բանակայիններու կողմէ սպաննուած հինգ սեւամորթներու թաղումը տեղի կ՚ունենար, աշխարհին կը յայտարարուէր Շուէտի Ակադեմիային խաղաղութեան 1993 տարուան մրցանակաւորները՝ Նելսըն Մանտելա եւ Տը Քլերք։
Մրցանակի ստացման առիթով ինչքա՜ն սրտառուչ, համակող եւ անանձնական ոգի մը կ՚արտաբուրէր անձնազոհ հերոսին խօսքը. «Այս մրցանակը կը նուիրեմ իմ երկրիս բոլոր քաջարի մարդոց, սեւամորթ եւ սպիտակամորթ, որոնք այնքան շատ տառապած ու տոկացած են։ Կը խոստանամ կեանքիս մնացեալ ժամանակէն ո՛չ մէկ ճիգ խնայել խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ ազատութիւն տարածելու` Հարաւային Ափրիկէի մէջ»։
Խաղաղութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մարտիկին երազին՝ լոյսը իրականութեան հողին վրայ անկասելիօրէն կը ծաւալի…։

 

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԴԱՏ ՄԸ
[ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ]

«Այս մարզը Ազրպէյճանին կցուեցաւ Կովկասի խորհրդայնացումէն յետոյ, հակառակ իր պատմական անցեալին եւ ճնշիչ մեծամասնութեամբ հայ ազգաբնակչութեան։ Այս վերջինը երբեք չդադրեցաւ պահանջել է, որ մարզը վերամիացուի Հայաստանին, ի մասնաւորի վերջին տարիներու ընթացքին։ Արցախի ժողովուրդը պէտք է օգտուի ինքնորոշման իրաւունքէն։ Համաձայն հանրային ու քաղաքական իրաւանց ուխտին»։
ՄԱԿ–ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի 47–րդ նիստի բանաձեւէն

«Աստուած է վկայ, քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան խիղճն է վկայ, որ Արցախի հայերի ազգային ազատ ինքնորոշման իրաւունքը Մայր Հայաստանին միանալու թե՛ արդար է, թէ՛ օրինական եւ թէ՛ համաձայն մարդու իրաւունքների հրամայականին»։
Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Արդարութեան, ազգային ինքնորոշման եւ մարդկային իրաւանց փաստագրական վաւերական տուեալներով պաշտպանուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի եւ հայկական ըՍփիւռքի հայութիւնը միակամօրէն պահանջատիրական իրաւունքով ներկայացաւ քաղաքակիրթ աշխարհի հանրային կարծիքին թէ ժողովուրդներու անիրաւուած իրաւունքներն ու դատը պաշտպանելու կոչուած Միջազգային Իրաւական Մարմիններուն։
Նախ ճանչցնելու եւ ծանօթացնելու համար, որ Լեռնային Ղա րաբաղը պատմականօրէն, աշխարհագրականօրէն եւ էթնիքական տեսակէտով հայութեան սեփականութիւնն է՝ իբր հող, պատմական անցեալ եւ մշակութային ժառանգութիւն՝ եւ հայաստանէն անանջատ, անխզելի հողային տարածք է. ապա՝ պահանջելու որ ան վերամիանայ իր ազգային դարաւոր արմատներուն։
Հին է Լեռնային Ղարաբաղի համար եւ անոր պատկանելիութեան շուրջ ազգամիջեան՝ հայ-թաթարական կռիւներու պատմութիւնը, երբ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանէն սկսելով՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Թուրքիոյ եւ Խ. Միութեան ճնշումներով ի վերջոյ 1921-ի թուրք եւ խորհրդային քաղաքական դաշնագիրին իբր հետեւանք, պատմական մեծ անարդարութեամբ մը 1923, Յուլիս 7-ին Լեռնային Ղարաբաղը «հակառակ իր պատմական անցեալին եւ ճնշիչ մեծամասնութեամբ հայ ազգաբնակչութեան» Ազրպէյճանի կազմին բռնօրէն միացուեցաւ որպէս «ինքնավար մարզ»։
Արեւմտեան խարդախ դիւանագիտութեան, որ ծանօթ էր իր թրքամէտ կողմնորոշումներով, միացաւ նաեւ Խ. Միութեան՝ աշխարհի Ա. Ընկերվարական Պետութեան նոյնքան դատապարտելի քաղաքական հաշուենկատութիւնը եւ թրքական ցեղասպանութեան զոհ հայութեան պարտադրուեցաւ ազգային իրաւազրկումի այս մեծ անարդարութիւնը։ Հայաստանի սրտին բացուեցաւ ղարաբաղեան վէրքը, որ մինչեւ օրս կ՚արիւնի եւ կ՚արիւնէ ժողովուրդին սիրտը…:
«Ինքնավար Մարզ» հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղը թուրք-ազերիներու ճնշումին տակ, հակառակ թաքուն եւ բացայայտ հակահայ հալածանքներուն, գրգռիչ արարքներուն եւ հայութիւնը լեռնային Ղարաբաղէն պարպելու Ազրպէյճանի պետական թշնամական քաղաքականութեան՝ պահեց իր ազգային ինքնութեան դրոշմը, դիմադրեց ամէն կարգի ոտնձգութիւններուն դէմ եւ մնաց ո՛չ միան հայ եւ հայկական, այլեւ իր արմատին,
Մայր Հայաստանին վերամիաւորուելու պահանջատիրական պայքարի պատնէշին վրայ։
Լեռնային Ղարաբաղը հայաթափելու Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութեան,– ազերի խաշնարածներ ողողեցին ինքնալքումով պարպուած հայկական գիւղերը, — նպաստեց հայ քաղքենիական մտայնութիւնը, ըստ որում Լեռնային Ղարաբաղի գիւղերու հայ երիտասարդութիւնը աչքերը յառած քաղաք, քաղաքաբնակ դառնալու եսակեդրոն մղումներով փոխադրուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Երեւան կամ այլ քաղաքներ։ Դէպի քաղաք հոսքը, որ մտահոգիչ ծաւալ ստացաւ, ո՛չ մէկ կերպով կարելի եղաւ կանգնեցնել։ Խ. Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ ղեկավարութիւնները Լեռնային Ղարաբաղը տագնապեցնող հարցերուն, կրթական, մշակութային, տնտեսական զարգացման պահանջքներուն, ազերիական թափանցումներուն, ո՛չ միայն անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չընծայեցին, այլեւ՝ երես դարձուցին Ղարաբաղին։ Ազգաբնակչութեան ճնշիչ մեծամասնութիւնը սկսաւ վտանգուիլ…։
Խորհրդային իշխանութեան ամբողջ շրջանին յանուն ընկերվարական արդարութեան եւ մարդկայնականութեան ո՛չ մէկ անգամ եւ ո՛չ մէկ փորձ կատարուեցաւ անարդարութիւնը սրբագրելու եւ ազգային իրաւունքներու իրաւացիութիւնը հաստատելու։ Արտաքին աշխարհի մէջ այն Խորհրդային Միութիւնը, որ ճնշուած եւ իրաւազրկուած ժողովուրդներու ազատագրութեան դատին ե՛ւ նիւթապէս ե՛ւ բարոյապէս ե՛ւ ռազմականօրէն զօրակցութիւն ցոյց կու տար, Թուրքիոյ թէ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայապատկան հողերու նկատմամբ ոչինչ ընելէ բացի, զանազան ն առիթներով ալ մեծապետական քաղաքականութեան մը իբր դիւանագիտական արտայատութիւնը ուրացումի յայտարարութիւններ կատարեց հայ ժողովուրդին ազգային զգացումները վիրաւորելով գրգռելու մղող…:
Ընկերվարութեան բարոյականութիւնը Խ. Միութեան մէջ կը խաթարուէր Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եւս ազգային եւ մարդկային իրաւունքի տեսանկիւնէն…։ Ընկերվարական սկըզբունքներու ոտնակոխումը, եթէ մէկ կողմէ քաջալերանք կը հանդիսանար ազերիական ոտնձգութիւններուն, թափանցումներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղը իւրացնելու հակաընկերային ազգայնամոլութեան, Արցախահայութիւնն ալ յուսախաբելով “ընկերվարական” եղբայրութեան կեղծ լոզունգներէն արդար ընդվզումի կը մղէր ազգային ինքնորոշման ձգտումով՝ “Մենք Ենք Տէրը Մեր
Սարերուն” նշանաբանով։ Միջազգայնական եղբայրութեան ոգին թուղթերու, ճառերու, բեմերու եւ գրականութեան էջերուն մնալու կը դատապարտուէր, գործնական գետնի վրայ մեռած տառ դառնալով…։
Սառնասիրտ անտարբերութիւնը, դիտաւորեալ անտեսումի ապաբարոյ քաղաքականութիւնը քարերն անգամ կը շարժէ. կը ցնցէ. կը դղրդէ…: Արցախի հայերը քարեր չէին,– հակառակ իրենք լեռնաշխարհի բնակիչ ըլլալնուն,— բայց իրենց լեռներու քարաժայռերուն ամրութեամբ լեռնականներ էին, որոնք դարերու պատմա-մշակութային ժառանգութեան տէր մնալու ազգային նախանձախնդրութեամբ ամրօրէն կը կառչէին իրենց հողին, քարին, օճախին եւ այն ինչ որ կերտուած էր իրենց նախահայրերուն կողմէ իբր ազգային մասունք…։
Իրենց ազգային ու մարդկային կեանքի բարելաւման եւ բարեկարգման համար Արցախահայութեան դիմումները Ազրպէյճանի հանրապետական ղեկավարութեան թէ Խ. Միութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն անպատասխան կը մնային կամ… բացասական վերաբերումի կ՚արժանանային։ Սկզբունքով արդարադատ ըլլալու կոչուած խորհրդային իշխանութիւններէն յուսախաբուած Արցախահայութիւնը կը բախէր իր սեփական իշխանութեան, Հայաստանի ղեկավարութեան դռները։ 1967-ին, «Հայաստանի ժողովուրդին, կառավարութեանը, կուսակցութեան կենտկոմին եւ հասարակական կազմակերպութիւններին» ուղղուած կոչով Արցախահայութիւնը կը բացայայտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող աղիտալի դժբախտ կացութիւնը «խանական բռնակալների ու մուսաւաթականների ժամանակէն աւելի ծանր»։ Արցախահայութեան կոչը մարդկային անարգուած պատիւին, բռնադատուած իրաւունքներուն եւ վիրաւորուած արժանապատուութեան բողոքը արտայայտելէ բացի, ազերի խուժանին կողմէ կազմակերպուած ոճրային սպանութիւններու, գազանային յօշոտումներու, գնդակահարումներու, ստորնացումներու պատկերացումը կը կատարէր՝ օգնութեան աղերսանքով մը. «Հայ ժողովուրդ քո հատուածներից մէկը, որ դարերի մռայլ ու դաժան ճանապարհին միշտ բարձր է պահել քո անունը եւ անեղծ՝ իր ինքնութիւնը, հիմա օրհասական վտանգի տակ է։
Լեռնային Ղարաբաղը՝ արդէն անուժ ու անօգնական, կորցրել է ամէն ապաւէն։ Մայր ժողովուրդ, որտեղ էլ որ կաս, քեզ ենք դիմում։ Դու ես մեր յոյսն ու ապաւէնը։ Դու սեփական կառավարութիւն ունես, ունես կուսակցական կենտկոմ։ Նրանց ձայնը չեն կարող չլսել։ Դու ունես զաւակներ, որոնց անուններն աստղերին է հասել, որոնք աշխարհի մեծամեծների հետ նստում, քննում են երկրագնդի ու ժողովուրդների ճակատագիրը։ Չի կարող պատահել, որ նրանց ձայնը չհասնի Կրեմլին, երկրի ղեկավարներին չհասնի փոքրիկ Լեռնային Ղարաբաղի մեծ ողբերգութիւնը»։ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ողբերգութիւնը՝ բանտերու մէջ տանջամահերով, մանուկներու սպանութիւններով, դիակներու պղծումներով, առեւանգումներով եւ ազգային զգացումները խեղդող բռնաբարումներով ծանրացած՝ ոչ մէկ կերպով արժանացաւ բարձրագոյն իշխանութիւններու մարդկայնական կարեկցութեան եւ արդար կարգադրութեան։ Աշխարհէն մեկուսացած Ղարաբաղի հայերու արդարութեան եւ մարդկայնութեան ծարաւ ձայնը եւս խեղդուեցաւ եւ արձագանք չգտաւ ո՛չ Խորհրդային Միութեան մէջ «Մոսկուան աւելի շատ լսում է մահմետական աշխարհին, քան իր երկրի զաւակամեռ որդիներին». եւ ո՛չ ալ աշխարհի մէջ մարդկային իրաւանց միջազգային մարմիններու շրջանակներէն ներս…:
Ղարաբաղցի հայերը իրենց ողբերգութեան դառնահեծ ճակատագրին հետ մնացին առանձին…։ Լուռօրէն մաքառեցան իրենց պարտադրուած անարդար ու անողոք ճակատագրի դէմ…: Բարոյական անզէն դիմադրականութեամբ եւ սքանչելի տոկունութեամբ շարունակեցին ապրիլ՝ չզիջելով ո՛չ իրենց հայու ինքնութենէն, ո՛չ ալ ազգային իրաւունքներէն։ Որքա՜ն ալ իրենցը ըլլար յուսախաբ եզրայանգումը. «Դա մի անարդարութիւն էր, որ կատարուեց արդարութեան յաղթանակից յետոյ…» սպասեցին համբերատար բայց անհաշտ համակերպութեամբ, որ արդարութիւնը դարձեալ վերայայտնուի, վերահաստատուի եւ իրենք ազատագրուելով ազերիներու դաժան եւ ստորնացնող լուծէն վերամիանան Մայր Հայաստանին…: Մայր Հայաստանին վերամիանալու կարօտը, , երազն ու յոյսը իրենց մեջ անմար՝ հանդուրժեցին եօթանասուն տարիներ անգթութիւններու, հայաջինջ դաւադրութիւններու…:
Պահ մը, խորհրդային աշխարհը իր հիմքէն բարեկարգելու կոչուած կորպաչեւեան ազատական շարժումին ի յայտ գալէն ետք կարծուեցաւ, որ Արդարութեան Արեգակը ծագած է Խ. Միութեան երկնակամարին վրայ եւ անոր ցոլքերը անյապաղ եւ անխափան պիտի հասնին մինչեւ ղարաբաղեան լեռնաշխարհը եւ զայն պիտի լուսաւորեն Ազատութեան փրկարար լոյսով…։
Ծնաւ 1988-ի Երեւանի Ազատութեան բազմաձայն հրապարակը եւ ժողովրդային խելահեղ պոռթկումը, որ միակամ բռունցքի վերածուած՝ արդ արդարութիւն պահանջեց Ղարաբաղի համար: Ծայր տուաւ Արցախահայութեան, Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի հայութեան ազգային պահանջատիրութեան անզէն պայքարը՝ ի խնդիր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումով Հայաստանին միացման։ Միացո՜ւմ…։ Միացո՜ւմ…։ Միացո՜ւմ՚…:
Թուրք Թաթար ազերին իր ժանիքները անգամ մը եւս սրեց։ Պատմութիւնը նենգափոխող լրատւութեան միջոցներով նա՜խ Խ. Միութեան եւ ապա ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ փորձեց հանրային, քաղաքական եւ մտաւորական միջազգային շրջանակներէն ներս ստեղծել այն թիւր կարծիքը թէ հայերը անիրաւ կերպով բարձրացուցած են Ղարաբաղի աղմուկը, Ղարաբաղը երբե՚ք հայկական չէ եղած, հայերը եկուորներ են։ Ըլլա՛յ Խ. Միութեան, ըլլա՛յ աշխարհի մամուլի սիւնակներէն հայերը հակազդեցին Լեռնային Ղարաբաղի ազգային ու աշխարհագրական պատկանելիութեան շուրջ պատմական ճշմարտութիւններու հրապարակումներով։ Խորհրդային Միութեան մէջ թրքացեղ հանրապետութիւններու գոյութիւնը եւ անոնց ազգաբնակչութիւններու քանակը (60 միլիոն) աւելի ծանր կշռեցին քան հայերու արդարութեան ձայնն ու դատը։ Իսկ միւս կողմէ Թուրքիոյ միջազգային դիրքն ու առնչութիւնները աշխարհի մէջ՝ ի նպաստ Ազրպէյճանին տրամադրութիւն ստեղծեցին։ Անգամ մը եւս Արդարութեան եւ Ազգային Իրաւունքներու դատ մը, ինչպիսին է Արցախահայութեան պահանջատիրութիւնը, որքա՜ն ալ ի նպաստ իրեն աշխարհի թէ Խորհրդային Միութեան մէջ խղճմտանքի ձայներ բարձրացան, բայց գործնական գետնի վրայ բռնաբարուեցաւ մեծապետական հաշիւներու իբրեւ զոհ:
Մեծապետական քաղաքական հաշուենկատութիւնը, որ անբարոյական է իր վարքագծով, անտեսելով արդարութեան չափանիշները, հաշուի կ՚առնէ հակամարտ կողմերուն քաղաքական կշիռը, ուժը՝ ոտնակոխելով անիրաւուած բայց տկար կողմին քաղաքական իրաւունքները: Այս դիտաւորութիւնները ակներեւ էին թէ՛ Խ. Միութեան եւ թէ՛ Արեւմտեան երկիրներու պետական շրջանակներէն ներս։
Արցախի ազգային ինքնորոշման եւ Հայաստանին միացման դատը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն եւս պետք էր համապատասխան ընդունելութեան եւ պաշտպանութեան արժանանար եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց մարմինները չգոհանային միայն կոչերով, այլ հակազդէին միջազգային ուժին ազդու յայտարարութիւններով եւ հակազդեցութիւններով։
Լեռնային Ղարաբաղի հարցին միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն վերլուծական գնահատութիւնը, որ իրաւական կարեւոր եւ հիմնաւոր տուեալ մըն է, կատարած է հայրենի իրաւաբան մտաւորական Համլէտ Գէորգեան. «Առաջին Հանգամանքը, որ պէտք է ուշադրութեան առնուի միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնից, այն փաստն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը, իր ներկայ կարգավիճակով, բռնակցման ենթարկուած՝ բռնազաւթուած տարածք է՝ այս իրաւաբանական տերմինի երկու իմաստներով էլ, որպէս իր բնակչութեան կամքին հակառակ, այսինքն՝ բռնի կերպով, Ազրպէյճանական Խ.Ս.Հ-ի կազմին մէջ մտցուած տարածք եւ որպէս իր բնակչութեան կամքին հակառակ, այսինքն՝ բռնի կերպով, Ազրպէյճանական Խ.Ս.Հ. կազմի մէջ պահուող տարածք։ Այն առաջնային փաստաթուղթը, որով որոշւել է Ղարաբաղը Ազրպէյճանական Խ.Ս.Մ. կազմի մէջ մտցնելը, Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կուսակցութեան կովկասեան բիւրոյի 1921 թ. Յուլիսի 5-ի որոշումն է, որն իրաւական ուժ չունի եւ ոչ թէ այն պատճառով, որ բոլորովին հաշուի չի առել Ղարաբաղի ժողովուրդի կամքի ազատ արտայայտումը, այլ ըստ էութեան՝ au fond, որպէս կուսակցական փաստաթուղթ, որը իրաւաբանական փաստաթուղթ չէ, ոչ պետական եւ ոչ էլ միջազգային իրաւունքի մէջ։ Ուրեմն, այս հիմունքով իրաւական ուժ չունեն Ազրպէյճանական Խ.Ս.Հ. եւ Կրեմլի այն պայմանագրերը, որոշումները, յայտարարութիւնները, որոնք ենթադրում են Լեռնային Ղարաբաղի բռնազաւթումը կամ էլ ուղղակիօրէն օրինականացնում են»:
Մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու բռնաբարման,միջազգային թէ շրջանային մակարդակներու վրայ,– կը միանար 1988, Դեկտեմբեր 7-ի բնութեան տարերային հարուածըԼենինականի Երկրաշարժը։ Հայաստանին հետ միջազգային ընտանիքը ցնցող երկրաշարժը Հայաստանին եւ հայութեան նկատմամբ մարդկայնական կարեկցութեան եւ զօրակցութեան ալիք մը կ՚առաջացնէր աշխարհի մէջ։ Միջազգային մամուլի “Նա կորնի Ղարաբաղ”ով սկսած արձագանգը աւելի լայն տարածք կը ստանար հայութեան հանդէպ համակրանքի եւ մարդկայնական վերաբերումի արտայայտութիւններով…: Միակ բացառութիւնը,– անմարդկայնական զազրելի հակազդեցութեան եւ ցեղամոլական ատելավառ թոյնի դրսեւորման տեսակէտով,կը կազմէր Ազրպէյճանը։ Թունալից հակազդեցութիւնը կ՚արտայայտէր ո՛չ միայն Պաքուէն Հայաստան ուղեւորուող շոգեկառքին վրայ “Ձեր երկրաշարժը կը շնորհաւորենք” միջազգային բարոյականութեան որեւէ չափանիշի չտոկացող անիծապարտ արձանագրութեամբ, այլեւ՝ Հայաստանի դեմ շրջափակումը կը սկսէր ազերիներու կողմէ՝ երկրաշարժի աղիտեալներուն մարդասիրական իբր օգնութիւն ղրկուածներուն կողոպուտով… եւ անոնց դէմ դրուած անխիպ ու անխիղճ արգելքներով…:
Միջազգային համայնքը անգամ մը եւս ականատես վկան կը հանդիսանար ո՛չ միայն մարդկային իրաւունքի աննախընթաց բռնաբարումին, այլեւ՝ երկրաշարժի աղէտն ու ողբերգութիւնը ապրած ժողովուրդի մը դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութեան մը՝ որ կը կատարուէր Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի հայերու դէմ։ Գազանային սպանութեան եւ յօշոտումի նոր ու սարսռազդեցիկ էջեր կը գումարէին 20-րդ դարու աւարտին, նոյն դարու սկիզբները Ա. ցեղասպանութիւնը ապրած ժողովուրդին ողբերգական պատմութեան… Երկրաշարժէն աղիտեալներուն վրայ, տունէ, երդիքէ զրկուած,– կը կուտակուէին փոկրոմէ փրկուած եւ խոյս տուած գաղթականներու մեծաթիւ զանգուածները:
Երեւանը կը վերածուէր “բացօթեայ հիւանդանոց”ի եւ “գաղթակայան”ի երկրաշարժի աղէտէն վիրաւորուածներու հալածական գաղթականներու եւ Ղարաբաղի զանազան գիւղերէն վիրաւոր հասած վերապրողներու…:
Հակառակ այս ողբերգական վիճակին եւ տխուր պայմաններուն` շարունակուող եւ սաստկացող շրջափակումին ստեղծած անմարդկային սեղմումներու կացութեան մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը հերոսաբար կը դիմադրէր, իսկ Երեւանի մէջ ցոյցերով, գործադուլներով կը շարունակուէր Արցախը Հայաստանին միացման զօրակցութիւնն ու պայքարը։ Հայկական Սփիւռքը կը միացնէր իր ճիգը “Արցախի Ֆոնտի նախաձեռնութեամբ, ըստ կարելւոյն օգնութիւն փութացնելով Արցախի հայութեան դիմադրականութիւնը զօրացնող նիւթական պահանջքներուն։
Երեւանի մէջ՝ Ազատութեան, Արդարութեան եւ Ազգային իրաւունքի անբռնաբարելի դատի մը ի խնդիր ծաւալ ստացած ժողովրդային ծովածաւալ շարժումը խափանելու, կասեցնելու բացայայտ քաղաքական դիտաւորութեամբ կը գործուէր ուրիշ բռնաբարում մը։ Կը ձերբակալուէին եւ կը բանտարկուէին ղարաբաղեան ժողովրդային շարժումը ղեկավարող “Ղարաբաղ Կոմիտէի” դէմքերը, գլխաւորութեամբ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Վազգէն Մանուկեանի, Աշոտ Մանուչարեանի, Համբարձում Գալստեանի։
Ժողովուրդին կամքը արտայայտող եւ ժողովուրդը առաջնորդող՝ մտաւորական ղեկավարութեան արգելափակումը աւելի եւս կը սրէր օրուան համայնավար իշխանութեան դէմ ժողովրդային ընդվզումը, որ արդէն սկսած էր կորսնցնել իր հեղինակութիւնը՝ ըլլա՛յ Խորհրդային Միութեան մէջ կորպաչեւեան բարեկարգչական շարժումի ժխտական անդրադարձներէն, ըլլայ Արցախահայութեան պահանջատիրութեան հետ քայլ չկարենալ պահելու Հայաստանի Կոմունիստ ղեկավարութեան անիրատես քաղաքականութենէն:
“Ղարաբաղ Կոմիտէ”ի ղեկավարներուն արգելափակման նկատմամբ անտարբեր չէր մնար աշխարհի հանրային կարծիքը։
Կը բարձրանային անոնց ազատ արձակումը պահանջող արդարակորով ձայներ` յատկապէս մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան դիրքերէն։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան պահանջագիրներուն եւ միասնական պայքարին, ի խնդիր արգելափակեալներու ազատ արձակման,– միանալով նաեւ Խ. Միութեան եւ ռուս մտաւորականութեան արդարապաշտպան ձայները բարոյական ճնշում բանեցուցին, որպէսզի անոնք դուրս գալով իրենց արգելափակմաններէն Հայաստան վերադառնան։
Անոնց վերադարձը հայրենիք հերոսներու վայել ընդունելութեան արժանացաւ…:
Աշխարհ խօսեցաւ եւ արձագանք հանդիսացաւ նաեւ ուրիշ սրտառուչ, խիզախ ցուցական կեցուածքի մը մասին։ Երեք նշանաւոր հայեր՝ աշխարհահռչակ գիտնական Վիքթոր Համբարձումեան, մեծ արուեստագէտ Սոս Սարգսեան եւ ժողովրդանուէր գրող-հրապարակագիր Զօրի Բալայեան՝ Մոսկուայի մէջ ի խնդիր Արցախահայութեան եւ արգելափակեալներու փրկութեան հացադուլ յայտարարեցին։ Մարդկային խիղճը շարժող երեք հայերու հացադուլին մարդկայնական տարողութիւնը աշխարհի լուսարձակները դարձեալ բացաւ այն երկրին վրայ, որ կը տուայտէր ցաւերուն ամէնէն կիզիչովը՝ ազգային ցաւին ճենճերող կրակովը: Հացադուլը կորովի կեցուածք մըն էր աշխարհին եւ մարդկութեան դիմաց՝ անարդարութեան դէմ, ցեղասպանութեան դէմ, մարդկային իրաւունքի բռնաբարման դէմ, Արցախահայութեան իրաւազրկումներուն դէմ, մարդկային արժանապատուութեան ոտնահարման դէմ։ Գրագէտ Զօրի Բալայեանի Կորպաչեւին ուղղած 9 Սեպտեմբեր, 1990 թուակիր նամակը լաւագոյն կերպով կը խտացնէր իր եւ մեծանուն իր ընկերակիցնե րուն ժողովուրդին հետ ժողովուրդին ցաւը կիսելու հայրենասիրական բարձր տրամադրութիւններն ու անհանգիստ ոգին…:
Մեջբերումովը նամակի յատկանշական հատուածին կը տրուի վկայութիւնը հերոսական կեցուածքի մը, որ բարոյական իր նշանակութեամբ նոյնքան ազդեցիկ եւ տպաւորիչ է…:

«Յարգելի Միխայիլ Սերկեւիչ,
Արդէն երրորդ տարին է, ինչ երկրի ուշադրութիւնը բեւեռուած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վրայ։ Թւում է, թէ շատ բան է արուած պաշարողական դրութիւնը վերացնելու եւ ամենաահաւորը՝ ԽՍՀՄ Սահմանադրութեան մէջ արձանագրուած
ԼՂԻՄ-ի՝ Հայկական ազգային կազմաւորման վերացումը կանխելու համար: Սակայն ամէն ինչ ապարդիւն է։ Ղարաբաղը կործանւում է աչքի առաջ։ Վերացուած է Խորհրդային իշխանութիւնը։ Ոտնահարուած են հայ բնակչութեան պատիւն ու արժանապատուութիւնը։ Խախտուած են մարդու տարրական իրաւունքները։ Ամբողջ թափով ընթանում է Ինքնավար Մարզի լուծարման գործընթացը։
Ես՝ Լեռնային Ղարաբաղից ԽՍՀՄ ժողովրդական պատգամաւորս, չեմ կարող ժողովրդի հետ չկիսել նրա վիշտը, չեմ կարող լռել, իմանալով, որ լռութիւնը կը յանգեցնի Նախիջեւանի ողբերգութեանը, որի ճակատագիրը կարող է ունենալ նաեւ Արցախը։
Ահա թէ ինչու, արհամարհելով սովորական քաղաքական պիտակները, ես իմ քաղաքացիական պարտքն եմ համարում հետեւել որդիական հինաւուրց սկզբունքին։ Հայրենիքի համար անբաւարար գործ է արուած, եթէ ամէն ինչ չի արուած։
Գիտակցելով իմ ձեռնարկած քայլի ողջ պատասխանատուութիւնը, հացադուլ եմ յայտարարում, բողոքելով Լեռնային Ղարաբաղում Սահմանադրական իշխանութեան վերացման դէմ»:

Խորհրդային Միութեան փլուզման նախընթաց իրավիճակէն սկսելով մինչեւ անոր վերջնական քայքայումը աւելի եւս բարդացուցին Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը։ Խորհրդային զսպիչ բանակին քաշուելով ապահովութիւնը վատթարացաւ եւ ռազմական հակամարտութիւններն ու գործողութիւնները բազմանալով աւելի սրեցան, պատերազմական տարողութիւն ստացան։
Հայաստանի մէջ համայնավար իշխանութեան տապալումէն ետք, զայն փոխարինող Հայոց Համազգային Շարժումը, որ նախկին “Ղարաբաղեան Շարժում”ն էր, իշխանութեան գլուխ հասնելով Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը յայտարարել է ետք, պետական քաղաքականութեան եւ մտածողութեան իբր արտայայտութիւն եւ յատկապէս մեկնելով շրջափակումի որպէս հետեւանք Հայաստանի տնտեսա-ընկերային մտահոգիչ տագնապէն, որդեգրեց կեցուածք մը, որ տարբեր չէր եօթանասուն տարիներ համայնավար իշխանութեան վարած քաղաքականութենէն: Գոհանալ Լեռնային Ղարաբաղի Մշակութային ինքնավարութեամբ եւ առժամապէս հրաժարիլ անկախութեան հռչակումէն եւ Հայաստանի հետ միացումէն։ Ղարաբաղի հայութեան համար ընդունելի չեղաւ այս պետական տրամաբանութիւնը եւ զինեալ պայքարի ուղիով շարունակեց ազատագրական մարտնչումները…:
Ազատագրական պայքարի զգացական–յուզական նուիրականութիւնը պէտք չէ շփոթել քաղաքական իրատեսութեան հետ։
Անկախութիւնն ու միացումը վախճանակէտն է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման։ Բայց կարելի չէ հանգրուանները նկատի չունենալ: Հանգրուանային լուծման առաջարկութիւն էր Վոլսքիի կարգադրութիւնը։ Այս առնչութեամբ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Միրզոյեանի հարցազրոյցէն քաղուած հետեւեալ միտքերը, կու տան պատկերը հանգրուանային լուծման դրական կողմերուն եւ կորսուած առիթին. «Առաջին հանգրուանում, Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Մոսկուային կապելը, ամէնէն ճիշդը կը լինէր։ Քանի որ Հայաստանի ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ քաղաքական իրավիճակը շատ ծանր էր։ Մենք պահանջում էինք Արցախը ժամանակաւոր անջատել Ազրպէյճանից։ Վոլսքիի օրով մենք չորս-հինգ ամիս արդէն անջատուած էինք։ Մեր պիւտճէն հաստատեց Մոսկուան։ Մենք միայն Մոսկուայի հետ ունէինք կապեր։ Սա մի հանգրուան էր։ Անջատում՝ յետոյ միացում։
Վոլսքու օրօք պատրաստ էր նախագիծը, որի վերջին նախադասութիւնը ասում էր.- Հանել Ազրպէյճանի ատմինիսթրայի կազմից, ենթակայութիւնից։ Էն ժամանակ երբ Վոլսքին անջատում էր բոլոր հիմնարկ-ձեռնարկութիւնները, ու միացնում էր Հայաստանի հետ, կենտրոնի հետ, Հայաստանում տեղի ունեցան մեծ թիւով միթինկներ, որտեղ վարկաբեկում էին Վոլսքու քաղաքականութիւնը։ Ասում էին մեզ անջատում չի բաւարարում, մեզ բաւարարում է միայն միացումը։ Այդ մաքսիմալիզմը բերեց նրան, որ Վոլսքուց էլ զրկուեցինք, Ղարաբաղ Կոմիտէ՝ կոչեցեալ Հ.Հ.Շ-ի պատճառաւ»:
Հակառակ բարիկամեցողութեան տէր ռուս քաղաքագէտներու մարդկայնական տրամադրութիւններուն՝ Վոլսքի, Ռիժքով, որ հինգ վայրկեան “ռուս քաղաքագէտի արցունք” թափած է, լսելէ ետք ռուսական բանակին գործած անգթութիւններու մասին Արցախի մէջ՝ դժբախտաբար պատմութիւնը արձանագրեց նաեւ այս սահմռկեցուցիչ իրականութիւնը։ Գետաշէնի հայութեան սրտաճմլիկ կոչը՝ աշխարհի խղճին ուղղուած՝ որքա՜ն ահազանգային, նոյնքան ցնցիչ է. «Մենք, Ազրպէյճանի Հայկական երկու գիւղերի՝ Գետաշէն եւ Մարտունաշէնի բնակիչներս, աղաչում ենք փրկէք մեր կեանքը։ Խորհրդային բանակը ոչնչացնում է մեզ՝ խորհրդային քաղաքացիներիս։ Մեզ վրայ կրակում են գնդացիրներով ու աւտոմատներով։ Մեզ ճզմում են հրասայլերով, մեր տներում եւ բակերում: Երախաներին, կանանց եւ ծերունիներին ազրպէյճանական ՕՄՈՆականները պատանդ են վերցնում, ջարդում են ձեռքերը, ոտքերը, կողերը, երեսները, խփում են երիկամներին, գանկամաշկերն են հանում, ստիպում են մերկ վազել փողոցներով։ Մեր ամուսինները չեն կարող մեզ պաշտպանել որսորդական հրացաններով։ Բանակը ոչնչացնում է մեզ, պահանջելով կա՛մ ճանչնալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, կամ էլ լքել հարազատ գիւղերը։ Բայց նոյնիսկ փախչելու հնարաւորութիւն չեն տալիս, կրակում են։ Մեր տները հրկիզուած ու աւերուած են: Մենք թաքնուելու տեղ չունենք։ Աշխարհի մարդիկ, փրկէք։ Գոնէ երեխաներին փրկէք։ Մենք զոհւում ենք հրասայլերով, կտրուած՚ արտաքին աշխարհից։ Էս.0.Էս. – Էս.0.Էս. – փրկէք»…:

Որքա՜ն ալ գործնական գետնի վրայ արտաքին աշխարհի կողմէ, մարդկային իրաւանց զանազան մարմիններէ եւ կազմակերպութիւններէ բարձրացած կոչերն ու որոշուած բանաձեւերը վճռող ուժի ազդեցութիւն չունեցան, բայց կարելի չէ անտեսել անոնց բարոյական նշանակութիւնը միջազգային հանրային կարծիքի մօտ։ Կոչերն ու բանաձեւերը դատապարտելով Ղարաբաղի ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքին եւ պահանջքին անտեսումը, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանական նոր արարքները, խաղաղասէր ազգաբնակչութեան բռնի տեղահանումը, միջազգային օրէնքներու բռնաբարումը, ցեղապաշտական խտրականութեան հալածանքի սաստկացող վայրագութիւնները՝ կը պահանջեն միջազգային ընդունուած բարոյական արժէքներու կիրարկումը, ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին գործադրութիւնը, ժողովուրդը հաւաքական տառապանքի եւ դժբախտութեան մատնող շրջափակումի վերացումը, ազգամիջեան կռիւներու դադրեցումը։
Արդարութեան եւ ազգային իրաւունքի անիրաւուած դատի մը պաշտպանութեան իբր ապացոյց հետեւեալ միջազգային վկայութիւնները ունին իրենց արժէքն ու տեղը։
Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւէն. «Նկատի ունենալով, որ ուժանիւթի եւ մանաւանդ կազի տագնապը, որմէ կը տառապի Հայաստանը շրջափակման պատճառով, սոյն Հանրապետութեան մէջ կը յարուցանէ մեծ անպատեհութիւններ, գործարաններու փակում, գործազրկութիւն եւ տեղափոխման միջոցներու անդամալուծութիւն։ Նկատի ունենալով, որ երկրաշարժը եւ հայերու սպանդը Ազրպէյճանի մէջ ի յայտ բերին 500 հազար հաշուող եւ շատ խեղճ պայմաններու մէջ ապրող բնակչութիւն մը, կոչ կ՚ուղղէ նախագահ Կորպաչեւին, որպէսզի շատ արագ որոշումներ առնուին, որոշումներ՝ որոնց հետեւին գործնական քայլեր, որոնք ի զօրու ըլլան ամբողջականօրէն եւ վերջնականօրէն դադրեցնելու շրջափակման դրութիւնը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ»։
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ՄԱԿ–ին ուղղուած կոչէն. «Խոր մտահոգութեամբ կ՚իմանանք Նակորնի Ղարաբաղի մէջ շարունակուող բռնութիւններու եւ հոն տիրող վտանգաւոր կացութեան մասին։ Յատկապէս խոր մտահոգութեան մատնուեցանք երբ իմացանք տակաւ տարածուող ու սաստկացող թշնամական արարքներու մասին, եւ յատկապէս այդ բոլորին որպէս հետեւանք՝ անմեղ քաղաքացիներու հաւանական ջարդերու մասին։ Զինուորական ներկայ գործողութիւնները 23 Սեպտեմբերին Ժելեզնովոտսքիի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու միջեւ տեղի ունեցած համաձայնութեան ակնբախ բռնաբարումն են: Յայտնենք նաեւ, որ քարիւղի եւ շոգեկառքի շարունակուող արգելափակումը Ազրպէյճանի կողմէ մեծ չափով աւելցուցած են ժողովուրդին տառապանքը»:
Ռուսաստանի խորհրդարանի բանաձեւէն. «Միջազգային ընդունուած արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց համաձայնութիւններու տրամադրութեանց հիման վրայ, խաղաղ բնակչութեան տեղահանումը պէտք է դադրի եւ ստեղծուին պայմաններ` իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալու համար: Պատանդները պէտք է ազատ արձակուին։ Մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումը պէտք է դադրի, անկախ թէ որ կողմը պատասխանատուն է անոնց»:
Ակադեմական Աշխարհի 180 Անձնաւորութիւններու՝ գրագէտներ, գիտնականներ, մշակութային դէմքեր, քաղաքական ղեկավարներ “Նիւ Եորք Թայմզի մէջ ստորագրած բաց նամակէն. «Հրեաներու ցեղասպանութենէն կէս դար եւ մարդկային իրաւանց համաձայնագիրի ստորագրութենէն 40 տարի ետք, աններելի է լուռ մնալ մարդկային իրաւանց բռնաբարման այս նոր փաստերուն առջեւ, յատկապէս երբ արդէն իսկ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդ մը թիրախ կը դառնայ ցեղասպանութեան նոր փորձերու»:
Ո՛չ Ազրպէյճանի եւ ո՛չ ալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու կողմէ զիջումի տրամադրութիւններ ցարդ չեն յայտնուած։ Օրէ օր սաստկացող կատաղի կռիւները կը շարունակուին երկուստեք պատճառելով անհամար զոհեր թէ կռուողներէն եւ թէ անմեղ եւ անզէն քաղաքացիներէն։ Գրոհներ, գրաւումներ, յառաջխաղացք թէ նահանջ փոխադարձաբար տեղի կ՚ունենան կռիւներու ընթացքին։ Հակառակ Ազրպէյճանի ռազմական եւ թուական գերակշռութեան Լեռնային Ղարաբաղի հայերը իրենց նախնիքներէն ժառանգած արիակամութեամբ, “Մահ իմացեալ անմահութիւն” նշանաբանով՝ հերոսաբար կը մաքառին, որ ազատութիւն ունենան, ինքնորոշման իրաւունք ունենան, իրենց արմատներուն միանալու ազգային երազին տիրանան։ Վարդանանքի, Դաւիթ Պէկի եւ Մխիթար Սպարապետի ուղիով…։
Քաղաքական լուծումով,– հանգրուանային եւ բանակցութիւններու ճամբով, թէ ազատագրական արիւնոտ պայքարի ճանապարհով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մաքառող հայերուն հետ միասնացած աշխարհի ամբողջ հայութիւնը հաւատալով որ Արցախի պահանջատիրութիւնը՝ ազգային ազատ ինքնորոշման իրաւունքը Մայր Հայաստանին միանալու թէ՛ արդար է. թէ՛ օրինական, եւ թէ՛ համաձայն մարդու իրաւունքներու հրամայականին՝ անտեղիտալիօրէն կը հետապնդէ անոր հանդէպ արդարութեան գործադրութիւնը եւ անոր իրականացումը։

11 Oqnunnu, 1992

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՕԹԸ ՄԵՂՔԵՐԸ՝
ԸՍՏ ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻԻ

«Քաղաքականութիւնը՝ առանց սկզբունքներու,
Հարստութիւնը՝ առանց աշխատանքի,
Հաճոյքը՝ առանց խիղճի,
Ուսումը՝ առանց նկարագիրի,
Առեւտուրը՝ առանց բարոյականութեան,
Գիտութիւնը՝ առանց մարդկայնականութան
Պաշտամունքը՝ առանց զոհաբերութեան»։
ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ

Հնդկաստանի ազատագրութեան եւ ընկերային բարեկարգութեան նուիրուած քաղաքական գործիչն ու Մտածողը՝ Մահաթմա Կանտի ո՛չ միայն իր երկրին եւ ժողովուրդին համար փրկարար դեր կատարեց յեղափոխական իւրայատուկ մտածողութեամբ եւ շարժումով, այլեւ՝ իր ներգործող ազդեցութիւնը ունելաւ 20-րդ դարու ընկերա–քաղաքական փիլիսոփայութեան վրայ՝ իբրեւ իւրօրինակ ընկերվարական մը:
Ժամանակակից Հնդկաստանի “Սրբազան Առաջնորդը”՝ իր անձնական հաւատքէն, ինչպէս նաեւ՝ քրիստոնէութենէն, տարբեր կրօններէն եւ կրօնաբարոյական այլ ուսմունքներէն (Տոլստոյ) համադրելով եւ սեփական վարդապետութիւնը կազմելով, ստեղծած էր իր Հաւատամքը, որ հիմնուած էր հոգեկան եւ բարոյական տուեալներու վրայ։ Քաղաքական գետնի վրայ՝ Կանտի կը հաւատար “Կրաւորական Դիմադրութեան” եւ “ոչ–վայրագութեան” ոճով պայքարին։ Իր հոգեբարոյական զէնքը՝ Ճշմարտութիւնն ու Արդարութիւնն էր, Սէրն ու անզիջող Հետեւողականութիւնը: Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան յամառօրէն եւ հետեւողականօրէն հետապնդումը՝ ըստ կանտիականութեան, ազգային ու ընկերային դատ մը կ՚առաջնորդէր անզէն յաղթանակի։ Սէրը այնպիսի Հոգեկան Ուժ մըն էր Կանտիի հայեցողութեան մէջ, որ անտեսանելի զօրութեամբ կը զինէր մարդկային կամքը՝ հոգիներ զօրաշարժելով նպատակակէտին հասցնելու համար: Այս էր իր հիմնական նշանաբանը. «Ատելութիւնը յաղթել սիրով, սուտը՝ ճշմարտութեամբ, բռնութիւնը՝ ոչ բռնութեամբ»:
Բարոյական այս փիլիսոփայութեամբ հարիւր միլիոնաւոր հնդիկներ ոտքի հանեց եւ բազմաթիւ անգամներ գաղթարար բրիտանացիներու կողմէ ձերբակալուելէ եւ ապա ազատ արձակւելէ ետք, իր ժողովուրդին խաղաղ երթը առաջնորդեց Անկախութեան յաղթական կերտումին՝ հռչակուելով “Արդի Հնդկաստանի եւ անոր ժողովուրդին Հայրը”:
“Հնդիկներու Հայրը”, որ ինքզինք կ՚ենթարկէր նաեւ խստակեաց սննդականոնի, (միայն բանջարեղէն, պտուղ ուտելով եւ այծի կաթ խմելով) իր երկրին եւ կրօնքին (Հինտու) համար կը ներկայանար Մեծ Բարեկարգիչի յեղաշրջական դերով։ Հնդկական պայմաններու իրականութենէն եւ իւրայատկութենէն մեկնող ընկերային արդարութեան մտածողութիւն մը զարգացնելով ընդհանրացուց Կանտի՝ իր ժողովուրդի թշուառ զանգուածներուն բարօրութիւն շնորհելու մարդկայնական նպատակով։
Կրօնքի “թապուներ”ուն եւ քարացած աւանդութիւններուն դէմ եւս պայքար ծաւալեց։ Նախ՝ եղաւ Պրահմականութեան եւ Իսլամութեան միջեւ սիրոյ, եղբայրութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան ջատագովն ու քարոզիչը (գործնական քայլերու դիմելով) եւ ապա՝ աշխատեցաւ վերացնել դեռահաս ամուսնութիւնները. կիներու ստրկական ծառայութիւնը եւ վերջապէս ընկերութիւնը բաժնող դասակարգերու գոյութեան վրիպանքը։
1949-ին, կրօնական մոլեռանդ եւ մարտական կազմակերպութեան (Հինդ Մահասապահ) մէկ անդամէն սպաննուելով
Կանտի՝ իր բարոյական փիլիսոփայութիւնը ժառանգ ձգեց մարդկութեան այն լուսամիտ թեւին, որ քաղաքական, ընկերային, պետական եւ կեանքի այլ կենսական բնագաւառներու համար կ՚առաջնորդուի առողջ, հանրօգուտ, մարդկայնական եւ պարկեշտ սկզբունքներէ։ Մահաթմա Կանտիի մտածողութեամբ ընկերային Եօթը Մեղքերը կը կազմեն.
(ա) “Քաղաքականութիւնը՝ Առա՛նց Սկզբունքներու”
Քաղաքականութիւնը առա՛նց սկզբունքներու ո՛չ միայն անպարկեշտութիւն է, այլեւ՝ անբարոյականութիւն, որքա՜ն ալ ան ընդհանրացած ըլլայ քաղաքական, դիւանագիտական կեանքէն ներս, թէ մարդկային փոխյարաբերութիւններու ընթացքին։
Քաղաքականութեան մէջ կիրարկուող սուտն ու պատեհապաշտութիւնը կ՚աղճատեն մարդկայնութիւնը եւ կը շեղեն զայն ճշմարիտ ուղիէ…: Ճերմակը սեւ, անարդարը արդար, սուտը իրաւ, խարդախը պարկեշտ, սխալը ճիշդ տարազ կը հագուի՝ երբ քաղաքականութիւնը առա՛նց սկզբունքներու կամ սկզբունքային կեցուածքներու կը գործադրուի։ Պետութիւններ, հաւաքականութիւններ կամ անհատներ կը խաբէ ո՛չ սկզբունքային քաղաքականութիւնը, որ մեծագոյն մեղանչումն է բարոյականութեան դէմ։
Սխալ է բոլորովին, սուտն ու կեղծիքը, դիւանագիտութեան եւ քաղաքականութեան համար արուեստ համարել։ Այդ լեզուով է, որ ազգային դատեր կ՚անիրաւուին, իրաւունքներ կը շահագործուին, անհատներ կ՚ոչնչացուին, զեղծումներ կը գործուին եւ արդար տենչեր կ՚ոտնակոխուին։ Հզօրը կ՚իշխէ: Տնտեսական ուժը կը ճնշէ առանց սկզբունքներու քաղաքականութեան մէջ։
Նրբութիւնն ու ճկունութիւնը կարելի չէ քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան մէջ շփոթել սուտին ու խաբէութեան հետ։
Անսկզբունքայնութիւնը ո՛չ միայն պետութիւններու փոխյարաբերութիւնները կը սրէ, ազգերն ու հաւաքականութիւնները կը թշնամացնէ, այլեւ` մարդկային ընկերութեան բարքերը կ՚այլասերէ, քանի քաղաքականութիւնը մարդկային կեանքէն անանջատելի է։
Սկզբունքը քաղաքականութեան մէջ պետական վարքագիծին մարդկայնականութիւն կ՚ապահովէ։
(բ) “Հարստութիւնը՝ Առա՛նց Աշխատանքի ”
Հարստութիւնը, առա՛նց աշխատանքի՝ Կանտիի ըմբռնողութեամբ, գոյութեան իրաւունքէն զուրկ պէտք է ըլլայ։ Ապօրէն հարստութեան, անիրաւ հարստահարումներու մաքսանենգ ուղին է հարստութիւնը՝ առա՛նց արդար ու հալալ աշխատանքի։ Ու ինչքա՜ն հետզհետէ կ՚ընդհանրանան՝ մարդկային ընկերութիւններէն ներս, պետական անհակակշիռ տնտեսական քաղաքականութեան իբր հետեւանք, հարստութիւններու կուտակումները անհատնե րու մօտ, ծնունդ տալով պետութենէ աւելի հարուստ դրամատէր դասակարգի մը։ Դրամատէր դասակարգը, որ ընկերային անարդարութեան արմատն է, ո՛չ միայն դասակարգային անհաւասարութիւնը կը քաջալերէ, այլեւ՝ աշխատաւոր ընդհանրութիւնը ճնշելով կը շահագործէ։ Երկրի մը արտադրութեանց հաւասար բաշխումն է, որ տուեալ երկրին ընկերային դրութիւնը առողջ կը պահէ եւ ժողովուրդին ընդհանրութիւնը բարօրութեան կը հասցնէ։
Աշխատանքը սուրբ, նուիրական եւ ազնիւ ըլլալով հանդերձ,— առա՛նց ապօրէն եւ խարդախ միջոցներու դիմելու,- կարելի չէ անոնցմով արտակարգօրէն հարստութիւն դիզել։
Առա՛նց աշխատանքի ապօրէն հարստութիւնը՝ մարդն ու ընկերութիւնը կ՚այլասերէ…։
(գ) “Հաճոյքը՝ Առա՛նց Խիղճի ”
Հաճոյքի սահմանները չեն գծուած եւ մարդկային հորիզոնին առջեւ անսահմանափակ են անոնք։ Մեղքին ընկերակիցն է հաճոյքը, որ մարդը կ՚առաջնորդէ ոչ միայն ֆիզիքական փճացումի, այլեւ՝ հոգեկան։ Բոլոր մոլութիւնները, որոնք անհակակշիռ սանձարձակութեամբ սողոսկած են մարդկային բարքերէն ներս, հաճոյք անուան տակ, սեփական անձին հանդէպ անխղճութիւն է։
Հաճոյքի ծայրայեղ տարատեսակները մարդը մոլեգնութեան եւ անյագուրդ կիրքի յագեցման կը մղեն՝ մեղանչել տալով իրեն եւ ուրիշին հանդէպ: Հաճոյքի սրբապիղծ արարքներն են, որոնք մարմնապաշտութեան բնազդներով՝ անխղճօրէն, ոճիր ու սպանութիւն գործել կու տան։ Ի՛նչ որ միա՜յն մարդու մարմինը չ՚անէացներ, այլ՝ կը սպաննէ բարոյականութիւնը։ Ահա թե ուր կը կայանայ այսօրուան ընկերութեան փճացումը։
Հաճոյքը, առանց հոգիին ու խղճին ներկայութեան, վայրենական բնազդներու դրսեւորումն է։
(դ) “Ուսումը՝ Առա՛նց Նկարագիրի ”
Ի՞նչ կ՚արժէ ուսումը՝ առանց նկարագիրի։ Առա՛նց նկարագիրի մարդը մարդ չէ, այլ՝ մարդկային ուրիշ տեսակ մը, որ ընկերութեան որակը կ՚իջեցնէ։ Ամէնէ՛ն մեծ ուսմունքը նկարագիրի կերտումն է։ Նկարագիրի տէր մարդն է, որ ընկերութիւնը կ՚ազնուացնէ, մարդկային փոխյարաբերութիւնը կը հարստացնէ, գործունէութիւնը սկզբունքայնութեամբ կ՚օժտէ, ընտանիքին եւ հաւաքականութեան բարոյական շէնքը կ՚ամրացնէ եւ իտէալներով կ՚առաջնորդուի։
Նկարագիրի տէր մարդը ուժեղին առջեւ չի՛ քծնիր եւ չի՛ խոնարհիր, իսկ՝ տկարը չի՛ ճնշեր եւ անոր դիմաց չի՛ մեծամտանար…։ Նկարագիրը զոհելով՝ չի տկարանար շահերու առջեւ, եւ ամէն օրուան համաձայն “շապիկ” չի՛ փոխեր՝ ըստ կամս եւ ըստ պարագայի։ Խիղճ, բարոյականութիւն, հետեւողականութիւն, պարկեշտութիւն եւ անկեղծութիւն մի՛ փնտրեր առա՛նց նկարագիրի մարդու մօտ, որ կ՚աւերէ շրջապատին առողջ կշռոյթը, կ՚աղտոտէ միջավայրը եւ կը թունաւորէ ընկերային կեանքը։
Կարծես թէ այսօրուան ընկերութիւնը եւ կրթական հաստատութիւնները նկարագիրի տէր մարդը չեն ակնկալեր, իսկ հաւաքականութիւններ նկարագիրի տէր առաջնորդներ չեն նախընտրեր. ահա թէ ինչո՛ւ ընկերութիւնը կը վխտայ բարոյական սկզբունքներէ ապասերած աննկարագիր խաթարուածներէ…։
Յեղյեղուկներէ…։
Դպրոցին գերագոյն եւ սրբազնագո՛յն նպատակն է՝ դաստիարակութեան ճամբով ուսումը նկարագիրով օժտել, իսկ ընկերութեան անժամանցելի երազը պիտի ըլլայ նկարագիրի տէր մարդոցմով շրջապատուիլ եւ նկարագիրի անյողդողդ եւ կայուն յատկանիշերով օժտուած ղեկավարներով առաջնորդուիլ…։
(ե) “Առեւտուրը՝ Առա՛նց Բարոյականութեան ”
Բարոյականութեան տէր առեւտրականը աւելի շահաւոր կ՚ըլլայ առեւտուրի մէջ։ Սխա՛լ է ու մեղանչական՝ առեւտուրը անպայման սուտի եւ խաբէութեան հետ շփոթելը։ Առեւտուրի մէջ, որքա՜ն առեւտրականներ բարոյականութեան սկզբունքով, շահի չափաւոր սահմանագծումով եւ պարկեշտ վարքագիծով վստահութիւն ներշնչած եւ դիրքի հասած են։ Առեւտրական ընկերութիւններու կեանքին եւ գործունէութեան մէջ եւս բարոյականութիւնը տուեալ ընկերութեան բարոյական վարկին ցուցանիշը կազմելով, ժողովրդականութիւն կը գտնէ։ Կը տարածուին ընկերութեան վարկին հետ արտադրութիւնները։
Առեւտուրի մէջ սնանկացող անհատներու եւ ընկերութիւններու գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ՝ առեւտուրը առանց բարոյականութեան կիրարկելն է…։
Առա՛նց բարոյականութեան շահածարաւ առեւտուրն է ապօրէն հարստութիւն գոյացնելը, որ ո՛չ միայն անհատին մեղքը կը կազմէ, այլեւ՝ պետութեան…։
(զ) “Գիտութիւնը՝ Առա՛նց Մարդկայնականութեան ”
Քանի գիտութիւնը յառաջացաւ ու կը յառաջանայ մարդկայնականութիւնը այնքան կը նահանջէ: Անկասկած, որ գիտութեան յառաջդիմութեան սատարողները մարդուն համար օգտապաշտական նպատակներ կը հետապնդէին։ Բայց, այսօր, իրականութեան մէջ, գիտութիւնը մարդուն թշնամին դարձած է, իսկ մարդն ալ՝ մեքենային ստրուկը։ Հիւլէական–ջրածնային ռումբին մարդկութեան պատճառած մղձաւանջին անդոհանքը մէկ կողմէ, քիմիական արտադրութիւններով պատրաստուած մահաբեր եւ կործանիչ ռումբերը միւս կողմէ՝ գիտութեան հրաշքը վերածեցին դժոխային մահատեսիլի։
Գիտութեան բարիքն էր նաեւ “թեքնոլոժի”ն, որ տարուէ տարի հսկայաքայլ կը յառաջանայ՝ իր ստուերին ներքեւ աննշմարօրէն հիւծելով մարդը:
Այսօր պետութիւններուն, գիտական շրջանակներուն եւ գիտնականներուն մտահոգութիւնը ըլլալէ դադրած է մարդը, որ գիտութեան զոհն է…:
Կանտի, եթէ ողջ ըլլար, հարց պիտի տար, ո՞ւր կ՚երթայ գիտութիւնը առանց մարդկայնականութեան…:
(է) “Պաշտամունք՝ Առա՛նց Զոհաբերութեան ”
Մարդկային եւ ազգային արժէքները պաշտամունքի կարօտելով զոհաբերութիւն կը պահանջեն։ Այսօրուան մարդը իր պատեանէն ներս իր եսի պաշտամունքին կը խնկարկէ միայն։ Վսեմ իտեալներու պաշտամունքէն թեւաւորուած զոհաբերութեան ոգին ուրիշ լաւ բաներու եւ առաքինութիւններու հետ չքանալու վրայ է մարդոց մէջէն…։ Մարդը պէտք է վերադառնայ սրբազան պաշտամունքներու խորանին, հոն վերստին զոհաբերութեան կրակը վառելով հոգեկան, մարդկային եւ մշակութային արժէքները վերահաստատելու համար։ Մարդը՝ առանց անոնց կը պարպուի, կ՚անշքանայ, կ՚իմաստազրկուի…։ Որովհետեւ՝ ըստ Կանտի պաշտամունքը ոգեկան մակարդակներու վրայ՝ առանց զոհաբերութեան, ընկերային մեղք է…։
Հակառակ 20-րդ դարու վախճանին մօտեցող “Գիտատեխնիկական Յեղափոխութեան” ներկայ յառաջընթացին, մարդկութեան հոգե-բարոյական արժէքները կը նահանջեն։ Վերականգնումը որքա՜ն ալ դժուար ըլլայ՝ յատկապէ՛ս միաբեւեռ աշխարհի մը մէջ, մարդկայնականութիւնը եւ մարդկայնապաշտ փիլիսոփայութիւնները իրենց ազդեցիկ դերը ներզօրօրէն կատարելու են։
Յանո՛ւն մարդու վերարժեւորման եւ մարդկային արժէքներու վերահաստատման, դեռեւս անջրպետի գրաւումէն եւ Լուսինին վրայ մարդուն թեւակոխելէն առաջ…:

22 Նոյեմբեր, 1993

Գեղարուեստական Ձեւաւորում եւ Նկարազարդում`
ՄԿՐՏԻՉ ԱՍԼԱՆԵԱՆԻ

Համակարգիչով Շարուած եւ Էջադրում`
ՆԱԶԱՐԷԹ ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Մարդը Իր Արժանաւորութեամբ Ապրելու Եւ Մարդկային Արժանապատուութեամբ Պահելու Համար 5
Մարդուն Փնտռածը 11
Մարդուն Արժեզրկումը Մեքենական Դարուն 17
Մարդուն Կենսական Պահանջքը՝ Խաղաղութիւնը 23
Մարդկային Իրաւունքի Տեսանկիւնէն խօսքի Եւ Մտածումի Ազատութիւնը 31
Աշխատանքի Իրաւունքը 37
Մարդը Եւ Դրամը Արժէքներու Դասաւորման Մէջ 45
Քսաներորդ Դարու Պատուհասներէն Աղմուկը 51
Պատերազմի Մանուկներու Սերունդը 61
Ընկերային Արդարութիւնը Հիմք՝ Մարդկային Առողջ Ընկերութեան 69
Կենսոլորտի Ապականումը՝ Մարդկային Իրաւունքի Տեսանկիւնէն 79
Հայկական Ցեղասպանութիւնը Մարդկային Իրաւանց Լոյսին Տակ 87
Լիբանանի Մանկութիւն Չապրող Մանուկները 105
Լիբանանի Ժողովուրդին Ընկերային Պահանջքները 111
Պատասխանատուութիւն Մարդուն Եւ Մարդկութեան Հանդէպ 119
Մարդուն Ազատութիւնը՝ Մարդկային Իրաւունքի
Գնահատութեամբ 127
Մարդը՝ Դէմ Յանդիման Մարդամեքենաներու Սպառնալիքին 141
Աշխարհի Մանուկները Մարդկային Իրաւունքի Լուսարձակին Տակ 151
Անգրագիտութիւնը Աշխարհի Վրայ 171
Լիբանանի Ժողովուրդին Ողբերգութիւնը՝ Մարդկային Իրաւանց Հարց 179
Ցեղային խտրականութիւնը Մարդկային Իրաւանց Լոյսին Տակ 187
Մարթին Լութեր Քինկ 199
Մարդը, Բնութիւնը Եւ Շրջապատը 207
Լիբանանի Բնութեան Բարեկամներու Ճիչը 227
Սովահարութիւնը՝ Մարդկութեան Ամօթը 233
Հարաւային Ափրիկէն՝ Վէրքը Աշխարհի 241
Նելսըն Մանտելա 247
Արդարութեան Եւ Ազգային Իրաւունքի Դատ Մը (Արցախի Պահանջատիրութիւնը) 263
Ընկերային Եօթը Մեղքերը՝ Ըստ Մահաթմա Կանտիի 279
Բովանդակութիւն 287
ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ՀԱՍՑԷՆ՝
BEBO SIMONIAN
SAHAGUIAN L. MEGUERDITCHIAN COLLEGE
P.O.BOX 55368
SIN EL FIL-LEBANON

© 2026 Bebo Simonian. All Rights Reserved.