ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՍՏԱՑԱԾ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ – ԶԱՆԱԶԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԷ ՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐԷ (Բ./3) – ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԵՒ ԱՅԼ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷ

Բ/3. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԵՒ ԱՅԼ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷ

 

  1. Էջմիածինի շրջանի Ապագայ գիւղի Խորհուրդէն

 

ՀՐԱՇՔ[i]

Երազիս մէջ դուռը զարկին,

– Ո՞վ է,– ասի ներսից ես,

Դրսից ինչ-որ պառաւ մի կին

Ասաց. «Մատաղ լինեմ քեզ:

 

Մի կտոր հաց ողորմացիր,

Աղքատ կին եմ, որբ, անտէր»:

Ու ես իսկոյն դուռս բացի.

Հրա՜շք… Մեռած մայրիկս էր:

 

Սարսափեցի, բայց գիրկն ընկայ,

Մայրս ասաց. «Ես եմ, ես,

Քեզ փորձելու համար եկայ,

Հօ չի՞ փոխել կեանքը քեզ:

 

Մուրացկանի տեսքով եկայ,

Որ աշխարհն էլ իմանայ՝

Տե՞ղն է խիղճդ, խիղճդ, որդի՛ս,

Թէ՞ մեռել է ինձ հետ նա…»:

 

Յարգելի ընկ., սիրելի բանաստեղծ Պէպոյին.

Դուք հրաւիրւում էք մասնակցելու սովետահայ մեծ բանաստեղծ

Յովհաննէս Շիրազի

հետ հանդիպման երեկոյին, որը տեղի կ’ունենայ Էջմիածնի շրջանի Ապագայ գիւղի ակումբում, 1973 թուականի Հոկտեմբերի ——ին, ժամը ——ին:[ii]

Ծրագրում

  1. Ներածական խօսք:
  2. Ասմունք. հանդէս կգայ վաստակաւոր ասմունքող Սիրվարդ Սահակեանը:

 

[ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

*          *          *

 

 

  1. Արմէն եւ Բերսաբէ Ճերեճեան Հիմնադրամէն

 

Armen and Bersabe Jerejian Foundation, Inc.

353 Forest Av[e.]                                Telephone: (201) 262-5363. Fax: (201) 599-0872                Paramus, NJ 07652

 

[Նիւ Եորք,] 17 Դեկտեմբեր 1995[iii]

 

Սիրելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,

7 Նոյեմբեր թուակիր նամակդ ստացած եմ: Որոշեցինք առաջադրուած մանկավարժական հատորիդ հրատարակութիւնը հովանաւորել՝ Ձեզի տրամադրելով 3500 տոլար: Բովանդակութիւնը արժէքաւոր նիւթեր ունի եւ կրնայ սատարել ուսուցիչներու գիտութեանը:

Ներկայով ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ հետեւեալ կէտերը.

ա.- երբ գիրքը ամբողջանայ՝ մեզի պէտք է ղրկուի 5 օրինակ:

բ.- Գրքին Ա. կամ Բ. էջին մէջ գրուելու է՝

Հրատարակութիւն

Արմէն եւ Բերսաբէ Ճերեճեան Հիմնադրամի

This publication was made possible by

Armen and Bersabe Jerejian Foundation Inc.[iv]

Ամերիկայի մէջ մեր օժանդակութեամբ հրատարակուած գ[ի]րքերու մէջ այդպէս նշուած է: Կը փափաքին[ք] որ նոյնը ըլլայ բոլոր մեր օժանդակութեամբ լոյս տեսնող հրատարակութիւններու մէջ:

«Եր. Հայաստան»ի մասին երկու fax ստացայ Ձեզմէ, որոնց մէջ կը հաստատուէր, թէ որոշուած է զայն դարձնել Կ. Վարչութեան օրկան Ձեր խմբագրութեամբ (ինչ որ իմ առաջարկն էր): Սակայն կը նշուէր արտօնագրի դժուարութիւնը եթէ ոչ անկարելիութիւնը: Կը նշուէր նաեւ այլ կերպով հրատարակելու միջոցները, որոնք, ըստ ինծի, դժուար իրագործելի են: Լաւագոյնը արտօնագիր ձեռք բերելն է, ինչ կերպով կարելի է:

Եթէ անկարելի ըլլայ արտօնագիր ձեռք բերելը, զայն պէտք է փոխադրել Հայաստան, Ալեքսան Խաչատուրեանի խմբագրութեամբ (ԱԺ-ի ժողովի[v] հնչակեան պատգամաւոր եւ պատմաբան) որպէս ամսաթերթ կամ շաբաթաթերթ: Եթէ պէտք ըլլայ այս հարցով կրկին Հայաստան երթալ, պէտք է ընեմ:

Մեր կուսակցութիւնը պէտք ունի գաղափարախօս[ական]-քաղաքական օրկանի մը: Այդ իմ համոզումն է: Ես fax-ով պատասխանած եմ արդէն այս մասին:

 

Ընկերական ջերմ բարեւներ

[ստորագրութիւնը կը բացակայի։ Ձեռագիրը կը պատկանի Արսէն Ճերեճեանին։]

 

*          *          *

 

 

  1. Թաղական Խորհուրդէն Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ

 

Պէյրութ, 12 Յուլիս 1965[vi]

 

Թաղական Խորհուրդ

Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանի

 

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԲԱԺԻՆ

ԱԶԳ. ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՎԱՐԺՆ.Ի

 

1965-1966 Տարեշրջան

 

Պէյրութ

 

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ

 

Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանի Թաղականութեան եւ պրն. Պէպօ Սիմոնեանի միջեւ կայացած է հետեւեալ համաձայնութիւնը, 1965-1966 դպրոցական տարեշրջանին համար:

 

Յօդուած առաջին

 

Պրն. Պէպօ Սիմոնեան յանձն կ’առնէ.

1.– Պաշտօնավարել Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանին մէջ որպէս այցելու ուսուցիչ՝ դասաւանդելու համար հայերէն։

2.– Տալ շաբաթական …. պահ դաս,[vii] կատարել իրեն վստահուած դասարանին հսկողութիւնը եւ վիճակացոյցներուն պատրաստութիւնը:

3.– Դպրոց ժամանել եւ հոնկէ մեկնիլ տնօրէնութեան կողմէ սահմանուած պահերուն, որոնք կարգադրուած են հետեւեալ կերպով.

Առաւօտ, մուտք՝ 7:30 – ելք՝ 11:45

Միջօրետք, մուտք՝ 1:30 – ելք՝ 4:00

Երեկոյեան սերտողութեանց ներկայ գտնուիլ:

4.– Առօրեայ ժամանումներու կանոնաւորութիւնը փաստելու համար ստորագրել ուսուցչութեան յատուկ «Ներկայութեան տոմար»ին մէջ:

5.– Ենթարկուիլ Ազգ. Վարժարաններու յատուկ կանոնագրութեան բոլոր տրամադրութիւններուն:

 

Յօդուած երկրորդ

 

Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանի Թաղականութիւնը, իր կողմէ, յանձն կ’առնէ վճարել տարեկան 1200 լ. ոսկի, Ազգ. Վարժ. կանոնագրութեան համապատասխան յօդուածներու տրամադրութեանց համաձայն:

 

Յօդուած երրորդ

 

Պայմանադիր կողմերէն իւրաքանչիւրը կը յայտարարէ թէ ստացած է հատ մը այս պայմանագրութենէն որմէ պատրաստուած է չորս օրինակ միայն, երկուքը հայերէն եւ երկուքը արաբերէն, բոլորն ալ հաւասարազօր եւ կողմերուն ստորագրութիւնը կրող: Արաբերէն օրինակները Թաղականութեան, Հոգաբարձութեան կամ Խնամակալութեան կողմէ կը յանձնուին Ազգ. Առաջնորդարանին:

 

Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանի

Թաղականութեան կողմէ

Ուսուցիչ                                                                    Ատենապետ

[ստոր.՝ Պ. Սիմոնեան]                                [անվերծանելի ստորագրութիւն]

[Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

Թաղական Խորհուրդ                                                                                 GÉRANCE

Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ                            DE L’EGLISE ARM. ST. HAROUTIOUN

Ռըմէյլ – Պէյրութ                                                      Remeil- Beyrouth

Հեռ. 233892                                                                            Tél. 233892

 

Պէյրութ, 13 Յուլիս 1996[viii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան (Պետրոս Գալայճեան),

Յարգելի տիար,

Ռըմէյլ թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Ռուբինեան Վարժ. թաղականութիւնը ուրախութեամբ կը հրաւիրէ Ձեզ Ազգ. Ռուբինեան Վարժ. տնօրէնութեան պաշտօնին 1966-1967 տարեշրջանին համար:

Թաղական Խորհուրդս ծանօթ է Ձեր գիտակից եւ նուիրեալ ուսուցչի փորձառութեան, եւ կարողութիւններուն, եւ վստահ է որ զանոնք ի սպաս պիտի դնէք յօգուտ հայ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան եւ Ազգ. Ռուբինեան Վարժ.ի վերելքին:

Թաղականութիւնը կոչելով Ձեզի Ազգ. Ռուբինեան Վարժ.ի տնօրէնութեան, վարչական եւ կրթական աշխատանքներու պատասխանատու պաշտօնին՝ երիտասարդ եւ պատրաստուած ուժի մը որուն պէտք ունի մեր վարժարանը։[ix]

Յուսով ենք, որ սիրով եւ հաճոյքով պիտի ընդառաջէք մեր հրաւէրին, եւ այս ձեւով, պիտի ստեղծուի օգտակար եւ ներդաշնակ գործակցութիւն մը Ձեր եւ թաղականութեան միջեւ:

Իսկ Ձեզի տրուելիք ամսականի մասին սպասել Ուսումնական Խորհուրդի նամակին:

 

Ի դիմաց Թաղական Խորհուրդի

Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ, Ռըմէյլ,

Բ. Ա.դպիր՝                                                    վ[ասն] Ա.պետ[ի]՝

[ստոր.՝ Արսէն Տեմիրճեան]                                   [ստոր.՝ Յակոբ Սընըգճեան]

[Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 30 Օգոստոս 1975[x]

 

Յարգելի տնօրէն պր. Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանի Թաղական Խորհուրդս եւ անոր կից՝ հոգաբարձութիւնս ցաւով ստացաւ 18 Օգոստոս 1975 թուակիր Ձեր հրաժարական նամակը:

Կը մխիթարուինք անով, որ աւելի բարձր պաշտօնի կոչուած էք, ստանձնելով Լեւոն-Մկրտիչեան Գոլէճի[xi] տնօրէնութիւնը:

Այս առիթով թաղականութիւնս կու գայ գնահատելու Ձեր այն ծառայութիւնը որ կատարեցիք Ձեր պաշտօնավարութեան ինը տարիներու ընթացքին եւ բարձրացուցիք վարժարանիս ուսումնական մակարդակը:

Հաճեցէ՛ք ընդունիլ մեր լաւագոյն մաղթանքները Ձեր նոր պաշտօնին մէջ:

 

Ի դիմաց

Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին՝

Ատենադպիր՝           Վ[ասն] ատենապետի՝

Ատենադպիր                                    վ[ասն] Ա.պետ[ի]՝

[ստոր.՝ ՆՅՆազարեան]      [ստոր.՝ Յակոբ Սընըգճեան]

[Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

 

  1. Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Վարչութենէն եւ Հիմնադիրներու Մարմինէն

 

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Պէյրութ          Լիբանան       [Փոստարկղ] 617      [Հեռաձայն] 226611

ASSOCIATION CILTURELLE TEKEYAN

Beyrouth         Liban               B. P. 617         Tel. 226611

 

[Պէյրութ, հաւանաբար 1972-ի Մայիսի վերջ][xii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի տիար,

Հայ գիրքի տպագրութեան 460-ամեակին առիթով եւ հայ գիրքի մշակներուն եւ ընթերցող հասարակութեան միջեւ կապը աւելի սերտացնելու առաջադրութեամբ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը ծրագրած է սփիւռքահայ գիրքի վաճառքի օր մը՝ Կիրակի, 4 Յունիս 1972-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, իր սրահներուն մէջ, ուր գաղութիս գրողները հրաւիրուած են ներկայ ըլլալու եւ անձամբ մակագրելու իրենց գիրքերը, որոնց հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի հեղինակներուն:

Հաւատալով որ այսպիսի ձեռնարկ մը Ձեր ալ սրտին մօտիկ պիտի ըլլայ, կու գանք Ձեզ հրաւիրելու որ հաճիք անձամբ ներկայ ըլլալ սոյն վաճառք-մակագրութեան:

Լիայոյս ենք որ սիրով պիտի ընդառաջէք մեր այս հրաւէրին եւ առ այդ, դիւրացնելու համար մեր նախապատրաստական աշխատանքները, կը խնդրենք որ Ձեր գիրքերէն 20 օրինակ Թէքէեան կեդրոն ղրկէք մինչեւ Մայիս 20:

 

Ի դիմաց

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                                  Ատենապետ՝

Ա. Պոզոյեան[xiii]                                Յ. Թապագեան[xiv]

[ստոր.՝ Ա. Պոզոյեան]         [ստոր.՝ Թապագեան]

[Թէքէեան Մշակութային Միութեան արաբերէն եւ հայերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

 

Պէյրութ, 18 Յունիս 1972[xv]

 

Սիրելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Ազնիւ տիար,

Ներկայ գրութեամբ կու գանք Ձեզի յայտնելու մեր անկեղծ շնորհակալութիւնները որ մասնակցութիւն բերիք «Գիրքի Օր»ուան մեր ձեռնարկին՝ Կիր., 4 Յունիս 1972-ին:

Ձեռնարկը իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալուն հակառակ՝ զայն գնահատողներուն եւ քաջալերողներուն թիւը քիչ չեղաւ եւ դրական արտայայտութիւններ կը հասնին մեզի ամէն կողմէ, հաստատելով մեզ մեր վճռակամութեան մէջ, թէ յառաջիկային մենք կը հասնինք ակնկալուած արդիւնքին:

Որոշած ենք Հայ Գիրին եւ Գիրքին եւ մանաւանդ անոր սպասարկուներուն տալ արժանի պատիւ եւ գնահատանք:

Ձեր մասնակցութիւնը որոշ կերպով աւելցուց մեր ձեռնարկին յաջողութիւնն ու հմայքը, որուն համար կրկին կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնները:

Ձեզի կը մաղթենք եռանդ, ուժ եւ նորանոր յաջողութիւններ որպէսզի միշտ պայծառ մնան մեր Գիրն ու Գրականութիւնը:

Նոր յաջողութեան ցանկութիւններով,

 

Վարչութիւն

[Թէքէեան Մշակութային Միութեան արաբերէն եւ հայերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 2 Յունիս 1977[xvi]

 

Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան,

Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ պրն. Վարդգէս Համազասպեանը պատուելու համար Թէքէեան Մշակութային Միութեան նորակազմ վարչութիւնը որոշած է կազմակերպել «քոքթէյլ» հանդիպում մը, որ տեղի պիտի ունենայ 4 Յունիս 1977, Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին՝ Թէքէեան կեդրոնին մէջ:

Հրաւիրատոմս հրապարակած չըլլալով՝ մեր անդամներուն եւ կարգ մը բարեկամներուն լուր սկսած ենք տալ հեռաձայնով եւ անձնական այլ միջոցով:

Մեր հանդիպումին սիրով կը հրաւիրենք նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը, որուն անդամներուն անունները դժբախտաբար դեռ ծանօթ չեն ինծի: Մոռացումներու տեղի[ք] չտալու համար, անձնապէս կը խնդրեմ քեզմէ, որ բարի ըլլաս մեր հրաւէրը փոխանցելու իրենց:

Յուսալով որ մեր այս հրաւէրը սիրով կ’ընդունուի եւ մանաւանդ դուն ու ազնիւ տիկինդ անպայման ներկայ կը գտնուիք, կը յայտնեմ բարեկամական ողջոյններս:

 

Հ. Գումրուեան[xvii]

(Ատենապետ)

 

*          *          *

 

Թէքէեան                                                                               Tekeyan

Մշակութային                                                                      Cultural

Միութիւն                                                                             Association

Լիբանանի Վարչութիւն                                                    Committee of Lebanon

 

Պէյրութ, 14 Մարտ 1993[xviii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Մեծայարգ տիար,

Այս տարի Ծննդեան 115-ամեակն է Հայ Բանաստեղծութեան Իշխան Վահան Թէքէեանին: Այս առիթով Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Վարչութիւնը կազմակերպած է ասմունքի մրցանք՝ միտելով հայ սերունդներու հոգիին մէջ բոցկլտուն պահել հայ մտքի ու հոգիի վառ կանթեղները:

Վերոյիշեալ մրցանքները տեղի պիտի ունենան 16 եւ 17 Ապրիլ 1993-ին, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Ժըմմէյզի:

Մրցանքի մասնակցութեան գծով նկատի առնուած են երեք խմբաւորումներ:

Ա.– Կրտսերներ՝ 11-էն 15 տարեկան:

Բ.– Պատանիներ՝ 16-էն 19 տարեկան:

Գ.– Երէցներ՝ 20 տարեկան եւ վեր:

Մրցանքի իւրաքանչիւր մասնակցող պարտի ասմունքել երկու քերթուածներ, մին ԱԶԱՏ, իսկ երկրորդը՝ ՊԱՐՏԱԴԻՐ, հետեւեալ ձեւով:

Ա.– Կրտսերներ՝ Վահան Թէքէեանի «Մահերգ Նահատակաց» քերթուածը:

Բ.– Պատանիներ՝ Վահան Թէքէեանի «Պիտի իյնաս» քերթուածը:

Գ.– Երէցներ՝ Վահան Թէքէեանի «Կռուի երթ» քերթուածը:

Իւրաքանչիւր խմբաւորման առաջնութիւն շահողները պիտի ստանան ոսկի մետալ, երկրորդութիւն շահողները՝ արծաթ մետալ, իսկ երրորդութիւն շահողները՝ պրոնզ մետալ:

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 115-ամեակին նուիրուած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին:

Այս մրցանքներուն համար փափաքած ենք ունենալ դատական յատուկ կազմ մը գաղութիս մտքի եւ գրչի անձնաւորութիւններէ կազմուած, որոնց կարգին մեծ հաճոյքով նկատի առած ենք Ձեզ:

Լիայոյս ենք որ կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին եւ մաս կը կազմէք վերոյիշեալ Դատական Մարմնին:

 

Յաջողութեան մաղթանքներով՝

Թէքէեան Մշակութային Միութեան

Լիբանանի Վարչութիւն

Վ[ասն] Ատենադպիրի՝                 Ատենապետ՝

[ստոր.՝ Սեւակ Հաճիյակոբեան] [ստոր.՝ Ա. Մելքիսէթեան][xix]

Սեւակ Հաճիյակոբեան[xx]                 տոքթ. Յ. Փափազեան[xxi]

[Երկու անուններուն միջեւ՝ Թ. Մ. Մ.ի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 26 Փետրուար 1994[xxii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Մեծայարգ պրն. Սիմոնեան,

Սփիւռքահայ գրականութեան տիրական դեմքերէն մին է Վահէ-Վահեան:

Ծերունազարդ բանաստեղծը անցնող շրջանին հայ մշակոյթի գանձարանը հարստացուց երկու հրատարակութիւններով, մին՝ «Տորիըն Կրէյի Պատկերը» վէպի թարգմանութեամբ,[xxiii] իսկ երկրորդը՝ «Բերքահաւաք»ի Գ. հատորով:[xxiv]

Սկսելով վերոյիշեալէն, եւ արտայայտած ըլլալու համար մեր երախտագիտութիւնը հանդէպ արժանաւոր հայորդիին, որոշած ենք կազմակերպել գինեձօն մը ի պատիւ իրեն՝ Ուրբաթ, 4 Մարտ 1994-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թէքէեան կեդրոնին մէջ:

Մեծայարգ պրն. Սիմոնեան,

Մեզի համար կրկնակի ուրախութիւն է հրաւիրել Ձեզ որպէսզի այս առիթով ելոյթ ունենաք յաւուր պատշաճի խօսքով մը, զորս կ’ակնկալենք իր ամբողջականութիւնը չխանգարող ամփոփուածութեամբ:

Լիայոյս ենք որ կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին։[xxv]

 

Լաւագոյն բարեմաղթութիւններով՝

Թէքէեան Մշակութային Միութեան

Լիբանանի Վարչութիւն

Ատենադպիր՝                      Ատենապետ՝

[ստոր.՝ S. Assil]        [ստոր.՝ Ա. Մելքիսէթեան]

Սարօ Ասիլեան                   Արտաւազդ Մելքիսէթեան

[Երկու անուններուն միջեւ՝ Թ. Մ. Մ.ի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն – Հիմնադիրներու Մարմին

Tekeyan Cultural Association – Board of Trustees

 

Պէյրութ, 14 Ապրիլ 1997[xxvi]

 

Պրն. Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի պրն. Սիմոնեան,

Ամբողջ 40 տարիներու երկայնքին Միութեանս «Շիրակ» ամսագիրը իր շնորհակալ ներդրումը բերած է հայ մշակոյթի ծառայութեան բնագաւառէն ներս:

Այսօր նոր հանգրուանի մը սեմին է «Շիրակ»ը, ուր նոր դարաշրջանի մը տուեալները եւ պահանջները անհրաժեշտ կը դարձնեն նոր տարազումով եւ նորատիպ բովանդակութեամբ լոյս տեսնող «Շիրակ»ի մը առկայութիւնը:

Մեկնելով վերոնշեալէն եւ նկատի ունենալով հայ գրականութեան եւ մշակոյթին Ձեր մատուցած ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով Ձեր ունեցած փորձառութիւնը, այսու ուրախութեամբ կը հրաւիրենք Ձեզ՝ մաս կազմելու պրն. Ժիրայր Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ գործելու կոչուած Թ. Մ. Միութեան «Շիրակ» ամսագրի խմբագրական նոր կազմին:

Լիայոյս ենք որ կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին եւ Ձեր ներդրումով կը սատարէք «Շիրակ»ի առաւել բարգաւաճման:

Վերոնշեալ խմբագրական կազմին Ա. հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 1997-ի կ. ետք ժամը 6:00-ին, Թէքէեան կեդրոնի[ն] մէջ:

 

Յաջողութեան բարեմաղթութիւններով,

ի դիմաց՝

Թէքէեան Մշակութային Միութեան

Հիմնադիրներու Մարմինին՝

Ատենադպիր՝                       Ատենապետ՝

[ստոր.՝ Ա. Մելքիսէթեան][ստոր.՝ Կ. Պապահէքեան]

Ա. Մելքիսէթեան                 Կ. Պապահէքեան[xxvii]

[Թ. Մ. Մ.ի Հիմնադիրներու Մարմինի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

Jemmaizé, Tekeyan Center, Tel.: 447612/448064, Fax: 448982, P. O. Box 11-617, 175-348 Beirut – Lebanon

 

*          *          *

 

 

  1. Լիբանահայ Ազգային Վարժարաններու Ուսուցչական Միութենէն

 

Լիբանահայ Ազգային Վարժարաններու

Ուսուցչական Միութիւն

Պէյրութ – Լիբանան

 

Պէյրութ, 29 Դեկտ[եմբեր] 1974[xxviii]

 

Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Յառաջիկայ տարուան առաջին եռամսեակի վերջաւորութեան, եթէ կարելի եղաւ, վարչութիւնս իբրեւ պարբերագիրք կ’ուզէ լոյս ընծայել իր օրկանը եղող «Մշակ»ը,[xxix] որ աւելի քան վեց տարի է դադրած է հրատարակուելէ:

Այս առթիւ, ուրախութեամբ կը դիմենք գրչի տէր եւ ձեռնհաս Ձեզի պէս անձերու, խնդրելով անոնցմէ, որ բարեհաճին սոյն նպատակին ծառայող յօդուածներ տրամադրել մեզի:

Աւելորդ չըլլայ յիշեցնել, որ յօդուածներուն բնոյթը կրնայ ըլլալ գիտական, մանկավարժական, հոգեբանական, բնախօսական եւ դասաւանդական արդի մեթոտներու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ եւ կամ անձնական գրութիւններ, ինչպէս նաեւ ազգային կալուածէն ներս՝ մեր մշակոյթը, ուսումը, ուսուցումը, ուսումնական կեանքը ցոլացնող կրթական-դաստիարակչական նիւթեր:

Կը խնդրուի յօդուածները վարչութեանս հասցնել մինչեւ 31 Յունուար 1975:

Յայտնելով Ձեզի կանխաւ շնորհակալութիւն եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ,

 

ի դիմաց

Լիբանահայ Ազգային Վարժարաններու

Ուսուցչական Միութեան Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                                   Ատենապետ՝

Յասմիկ Թաշճեան              Կարապետ Թաթուլեան

[ստոր.՝ ՅԹ]   [անվերծանելի ստորագրութիւն]

[Լիբանահայ Ազգային Վարժարաններու Ուսուցչական Միութեան հայերէն կնիքը]

 

Յ.Գ.

Կը խնդրուի յօդուածները յանձնել պր. Սարգիս Չոլոյեանի, Ազգային Մարտիկեան Վարժարան, Անթիլիաս, հեռ. 410511:

 

*          *          *

 

 

  1. Լիբանահայ Կրթական Պատասխանատուներու Համախմբումէն

 

[Պէյրութ, հաւանաբար Յուլիս 1976][xxx]

 

Լիբանահայ Կրթական Պատասխանատուներու Համախմբում

 

Ժողովի հրաւէր

 

Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանահայ գաղութի կրթական պատասխանատուներու (հոգաբարձութեանց ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ եւ տնօրէններ) խորհրդակցական Բ. ժողովը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 30 Յուլիս 1976, կ. ա. ժամը 10-ին՝ պր. Ժագ Ալլահայտոյեանի բնակարանը («Ազդակ»ի խմբագրատան շէնք, Բ. յարկ):

Օրակարգ

  1. Զեկուցում առաջին ժողովին
  2. Մնայուն դիւանի ընտրութիւն
  3. «Կոչ»ի ընթերցում, քննարկում եւ վաւերացում
  4. Դպրոցներու վերաբացման հեռանկար
  5. Վարժարաններու վերաբացման գործնական միջոցառումներ

ա. Վիճակագրական տուեալներ

բ. Նիւթական միջոցներու ապահովում

 

*          *          *

 

  1. Լիբանանահայ Գրական Շրջանակէն

 

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ

Նամակատուփ 3394

Պէյրութ – Լիբանան

 

Պէյրութ – Լիբանան, 7 Մարտ 1994[xxxi]

 

Յարգամեծա՛ր Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Վարչութիւնը որոշած է կազմակերպել, յառաջիկայ Մայիսի 8-ին, յիշատակի հանդիսութիւն մը, նուիրուած մարդկայնական մտաւորական, սփիւռքահայ տաղանդաւոր արձակագիր, լիբանանահայ ռահվիրայ պատմուածագիր եւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արմէն Դարեանի:

Այս առիթով, Վարչութիւնս որոշած է նաեւ հրատարակել յայտագիր-գրքոյկ մը, որուն մէջ տեղ պիտի գտնեն նաեւ վաստակաշատ գրողի հայ եւ արաբ գրչակիցներուն – Հայրենիքէն եւ Լիբանանէն – եւ մշակոյթի գործիչներու սրտի խօսքերը:

Առ այդ, Վարչութիւնս կը հրաւիրէ Ձեզ ըսելու Ձեր սրտի հակիրճ խօսքը՝ այս արժանաւոր սփիւռքահայ մարդուն եւ գրողին յիշատակին:

Պիտի խնդրէինք որ ձեր սրտի հակիրճ խօսքը առաքած ըլլայիք Վարչութեանս ամենաուշը մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ ամսուան վերջը:

Կանխայայտ շնորհակալութիւններով եւ մեր խորին յարգանաց հաւաստիքով՝

 

Գրիգոր Համամճեան

Նախագահ

Լիբ. Գրկն. Շրջանակի

[ստոր.՝ Գր.Համամճեան]

[Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 29 Նոյեմբեր 1994[xxxii]

 

Յարգամեծա՛ր Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Վարչութիւնս ուրախ է Ձեզ հրաւիրելու գրական հանդիպումի մը՝ Կիրակի, 22 Յունուար 1995, կ. ա. ժամը 11-ին, Միութեանս կեդրոնին մէջ, ուր պիտի ներկայացուի Ձեր վերջին հատորը՝ «Մարդու Իրաւանց Հարցեր», որուն պիտի յաջորդէ կարծիքներու փոխանակում՝ ՄԱԿ-ի վերջին տարիներու պաշտօնափոխութեան եւ պաշտօնաթողութեան լոյսին տակ:

Վարչութիւնս խիստ փափաքելի կը գտնէ Ձեր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը, մասնաւորաբար՝ կարծիքներու փոխանակութեան:

Մինչ այդ ընդունեցէ՛ք յաջողութեան մեր լաւագոյն մաղթանքները՝ հայակերտումի ի խնդիր Ձեր թափած կրթական երախտաշատ գործի յաջողութեան:

 

Յարգանքներով՝

Մեթր Գ. Տէրտէրեան

[ստոր.՝ ԳՏէրտէրեան]

Լիբանանանահայ Գրական Շրջանակի

Վարչութեան նախագահ

[Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 3 Մարտ 1995[xxxiii]

 

Յարգամեծար Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Վարչութիւնս պատիւն ունի Ձեզ հրաւիրելու «Բազմակարծիք ու բազմաձայն զրոյց»ի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 1995 թ. Յունիսի 18-ին, Կիրակի կ. ա. ժամը 11-ին, Միութեանս կեդրոնին մէջ (Սփիրզ փող., Լիբ[անանեան] Կարմիր Խաչի կեդրոնին մօտ):

Այս բազմաձայն զրոյցի ընթացքին պիտի վիճարկուի հետեւեալ հարցադրումը՝ «կը նկատէ՞ք, թէ հայ քաղաքական միտքը տակաւ յստակացող երկբեւեռացումի մը ընթացքին մէջ է, ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԵՄՈԿՐԱՏԱԿԱՆ եւ ՇՈՒԿԱՅԱԿԱՆ-ԱՄԵՐԻԿԱՄԷՏ երկու բեւեռներու միջեւ…»:

Այս հրաւէրը ուղղուած է Ձեզի՝ անձնապէս, որպէս լիբանանահայ յանձնառու հրապարակագիր, եւ ոչ մէկ յանձնառութիւն կ’ենթադրէ Ձեր պատկանած կուսակցութեան կամ միութեան կամ համայնքին կողմէ:

Վստահ ենք որ դրապէս պիտի ընդառաջէք մեր այս հրաւէրին եւ Ձեր յարգելի տեսակէտները պիտի պարզէք՝ հարստացնելով առաջադրուած վիճարկումը: Չկարենալու պարագային, բարեհաճեցէ՛ք տեղեակ պահել Վարչութիւնս ամենաուշը մինչեւ 31 Մարտ 1995 թ.:

Մինչ այդ, ընդունեցէ՛ք Ձեր երախտաշատ գործի յաջողութեան մեր լաւագոյն մաղթանքները:

 

Ի դիմաց

Լիբանանանահայ Գրական Շրջանակի

Վարչութեան նախագահ

[ստոր.՝ ԳՏէրտէրեան]

[Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն կլոր կնիքը]

 

Յ.Գ.– Յունիս 11-էն երկու շաբաթներ առաջ Ձեզի գրաւոր պիտի փոխանցենք նաեւ հարցարան մը եւ մասնակիցներու[ն] վերջնական անուանացանկը:

 

Նոյն

 

*          *          *

 

[Պէյրութ, հաւանաբար 1996][xxxiv]

 

Լիբ[անանահայ] Գր[ա]կ[ա]ն Շրջանակը կը հրաւիրէ

Հրապարակային բազմաձայն զրոյցի մը՝

Ապրիլեան այժմէական մտորումներու շուրջ,

Որպէս առանցքային հարց նկատի ունենալով՝

«Հայ Դատի հեռանկարները

Միաբեւեռ Աշխարհի մը մէջ»

Շաբաթ, 24 կամ Կիրակի, 25 Ապրիլ կ. ե. ժամը 4-ին,

Միութեան կեդրոնին մէջ:

Այս հրապարակային բազմաձայն զրոյցին հրաւիրուած մտաւորականները պիտի պատասխանեն հետեւեալ հարցումներուն.

1.– Միաբեւեռ Աշխարհ մը կրնա՞յ հաստատուիլ եւ՝ այնուհետեւ կայունանալ տասնամեակներու համար:

2.– Միաբեւեռ Աշխարհի մը հաստատման ներկայի միտումը կ’ընդլայնէ՞ Թուրքիոյ շրջանային եւ միջազգային դերակատարութեան ծիրը, թէ՞ կը սահմանափակէ զայն:

3.– Միաբեւեռ Աշխարհի մը հաստատման միտումը դրակա՞ն, թէ՞ ժխտական կրնայ ըլլալ:

ա) Պատմական իրաւունքներու ի խնդիր պահանջատիրական շարժումներուն համար:

բ) Պատմական բռնակցումներու եւ ոճիրներու կատարուած փաստի նուիրագործումին համար:

4.– Միաբեւեռ Աշխարհի մը հաստատման միտումը դրապէ՞ս, թէ՞ ժխտապէս կ’անդրադառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան եւ ապագայի հեռանկարներուն վրայ:

5.– Կայունացած ու երկարատեւ Միաբեւեռ Աշխարհի մը մէջ ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հայ Դատի ապագան:

6.– Ձեր կողմէ ի՞նչ կ’ուզէիք աւելցնել այս հարցումներուն վրայ:

 

[ստորագրութիւնը կը բացակայի: Ձեռագիրը կը պատկանի Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Վարչութեան նախագահ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին]

 

*          *          *

         

Պէյրութ, 24 Փետր[ուար] 1997[xxxv]

 

Յարգամեծար Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Վարչութիւնս ուրախ է Ձեզի հաղորդելու, թէ յառաջիկայ Ապրիլ ամսուան կէսին, Միութեանս հրաւէրով Պէյրութ պիտի գտնուի բանաստեղծ Զահրատ, որուն ի պատիւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 19-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ: Եւ այս առիթով Վարչութիւնս կը ծրագրէ հրատարակել գրքոյկ-յայտագիր մը, որ յիշատակարան մը պիտի հանդիսանայ մեծ բանաստեղծին Պէյրութ տուած այցելութեան մասին:

Առ այդ, Վարչութիւնս կը հրաւիրէ Ձեզ՝ Ձեր ողջոյնի եւ գնահատանքի հակիրճ խօսքը – կէս էջ տպագիր – հասցնել Միութեանս, ամենաուշը մինչեւ 30 Մարտ 1997 թուական:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ լաւագոյն մաղթանքներով,

 

ի դիմաց

Լիբ. Գրկն. Շրջանակի Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                       Նախագահ՝

[ստոր.՝ Անի]            [ստոր.՝ ԳՏէրտէրեան]

Անի Քեսթենեան                 Մեթր Գ. Տէրտէրեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 24 Փետր[ուար] 1997[xxxvi]

 

Յարգամեծար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Վարչութիւնս այսու գրով կու գայ վերահաստատել մի քանի օրեր առաջ Ձեզի յղած բերանացի հրաւէրը՝ խօսք առնելու պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի (Եազմաճեան)[xxxvii] ի պատիւ՝ Միութեանս նախաձեռնած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ապրիլի 19-ին, Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Արարատեան սրահ»ին մէջ: Խօսք պիտի առնեն նաեւ՝ Հալէպէն, սրտաբան, բանաստեղծ բժ. Գէորգ Թէմիզեան[xxxviii] եւ Միութեանս նախագահը: Իւրաքանչիւր խօսքի համար նախասահմանուած է միայն քառորդ ժամ (15 վայրկեան), իսկ մեծարեալին պիտի տրուի կէս ժամ՝ իր սրտի խօսքն ու պատգամը փոխանցելու համար: Նախատեսուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ՝ յիշատակի գրքոյկի մը հրատարակութիւնը, որուն համար եւս՝ առանձին գրով, խնդրած ենք Ձեր ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը:

Երեք խօսքերու առանցքներուն շուրջ, կը վերյիշեցնենք, թէ Ձեր խօսքին առանցքը պիտի կազմէ Զահրատի բանաստեղծութեան բնութագրումն ու արժեւորումը՝ հայ քերթողութեան, եւ մասնաւորաբար, սփիւռքահայ բանաստեղծութեան մէջ, նաեւ՝ Զահրատի հրատարակած հատորներու հակիրճ ներկայացումը: Թէմիզեանի խօսքին առանցքը պիտի կազմէ Զահրատի ստեղծագործութեան առնչութիւնը մեր ժամանակներուն հետ եւ անոր տեղը միջազգային գրական շարժումներուն մէջ: Իսկ Տէրտէրեանի խօսքին առանցքը պիտի կազմեն[xxxix] Զահրատի կենսափիլիսոփայութիւնը եւ մտածողութիւնը:

Յուսով ենք, որ բոլորիս համագործակցութեամբ պիտի յաջողինք արժանավայել կերպով մեծարել այս ժամանակակից ու յառաջապահ գրողը, եւ իր անձին միջոցով՝ պոլսահայ մտաւորականութիւնը:

Կանխայայտ խորին շնորհակալութիւններով եւ լաւագոյն մաղթանքներով,

 

ի դիմաց

Լիբ. Գրկն. Շրջանակի Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                       Նախագահ՝

[ստոր.՝ Անի] [ստոր.՝ ԳՏէրտէրեան]

Անի Քեսթենեան                 Մեթր Գ. Տէրտէրեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 28 Ապրիլ 1997[xl]

 

Լիբ. Գրական Շրջանակի Վարչութիւնս այսու կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու Ձեզի՝ ժամանակակից հայ մեծ եւ յառաջապահ բանաստեղծ Զահրատի նուիրուած մեծարանքի հանդիսութեան յայտագրի հարստացումին Ձեր բերած փայլին համար:

Շնորհիւ Ձեր մասնակցութեան, 19 Ապրիլ 1997 թ.ին Հ. Կ. Մ.ի[xli] «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւնը լիբանանահայ մշակութային կեանքի տարեգրութեանց մէջ պիտի յիշուի երկար ժամանակ:

Մեր երախտագիտութեան ու յարգանքին հետ ընդունեցէ՛ք յաջողութեան մեր լաւագոյն մաղթանքները:

 

Ի դիմաց

Լիբ. Գրական Շրջանակի Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                       Նախագահ՝

[ստոր.՝ A. Kastanian]           [ստոր.՝ ԳՏէրտէրեան]

Անի Քեսթենեան                 Մեթր Գ. Տէրտէրեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 13 Յուլիս 1998[xlii]

 

Յարգամեծա՛ր Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Սիրելի բարեկամ,

Հաճոյքն ունինք Ձեզի հաղորդելու, թէ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը այս տարուան Հոկտեմբերին կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 50-րդ տարին:

Տարագրութեան տարականոն պայմաններու ճնշումին դիմադրելով՝ 50 տարիներ շարունակ, հայ-ազգային ու մարդկայնական լայնահորիզոն մշակոյթի ջահը բարձր պահող մեր Միութիւնը, վստահ ենք, թէ Ձեր սրտին լարերը թրթռացնելու եւ Ձեր միտքին բաւիղներուն մէջ արձագանգներ ստեղծելու առիթները ունեցած է անցնող հինգ տասնամեակներու ընթացքին, տրուած ըլլալով այն հոգեմտաւոր հարազատութիւնը, զոր մենք զգացած ենք Ձեր գրութեանց, ելոյթներուն եւ ստեղծագործութեանց մէջ:

Այս Ոսկեայ Յոբելեանին առիթով, Ձեր սրտի ամենահակիրճ խօսքն անգամ՝ երանութեամբ պիտի համակէ մեզ՝ երէցներս, եւ մեծապէս խրախուսիչ պիտի ըլլայ մեր նորահաս սերունդին համար:

Վստահ թէ անարձագանգ պիտի չմնայ մեր յայտնած անկեղծ փափաքը, կը խնդրենք որ Ձեր սրտի խօսքը մեր հասցէին առաքած ըլլաք 1998թ. Հոկտեմբերի 3-էն առաջ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն զետեղել իր արժանավայել տեղը՝ մեր յոբելենական հանդիսութեան յայտագրին կամ գրքոյկին մէջ:

Կը խնդրենք ընդունիլ քաջառողջութեան եւ մտաւոր բեղուն աշխատանքի մեր լաւագոյն մաղթանքներն ու կանխայայտ շնորհակալութիւնները:

 

Ի դիմաց

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                       Նախագահ՝

[ստոր.՝ Ա. Քեսթենեան] [ստոր.՝ Գր.Համամճեան]

Անի Քեսթենեան                 Գրիգոր Համամճեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն կլոր կնիքը]

 

Միութեանս հասցէն.

Cercle Litteraire Libano-Armenien

  1. P. 3394, Beyrouth – Liban

Կամ՝

Rue Spears, Imm. Bou-Reslan,

Près La Croix-Rouge Libanaise

Beyrouth – Liban

 

*          *          *

 

 

  1. Լիբանանահայ Համալսարանականներու Միացեալ Մարմինէն

 

Լիբանանահայ Համալսարանականներու

Միացեալ Մարմին

 

Union of Armenian University Students Associations in Lebanon

 

Պէյրութ, 4 Հոկտ[եմբեր] 1974[xliii]

 

Պատուարժան տնօրէնութիւն Ազգ. Ռուբինեան Վրժ.ի,

Յարգելի պրն. Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանանահայ Համալսարանականներու Միացեալ Մարմինը Հայ Դատի հետապնդման գծով եւ Եղեռնի վաթսունամեակի ոգեկոչումին առնչութեամբ պատրաստած իր աշխատանքային ծրագրին մէջ նախատեսած է շարք մը գործունէութիւններ ունենալ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան համար:

Առ այդ, լաւապէս կարենալ կազմակերպելու[xliv] համար իր այս բարի տրամադրութիւնները, եւ օգտուելու համար Ձեր փորձառութենէն ու դրական առաջարկներէն, Միացեալ Մարմինս կը հրաւիրէ Ձեզ ներկայ գտնուելու խորհրդակցական ընդհանուր ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 13 Հոկտ. 1974, կ. ա. ժամը 11-ին, Հայկազեան Գոլէճի սրահին մէջ:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ սպասելով ձեր դրական մասնակցութեան,

 

Յարգանքներով՝

Լիբանանահայ Համալսարանականներու

Միացեալ Մարմին

[Լ. Հ. Մ. Մ.ի հաւկթաձեւ, ծայրերը ուղղահայեաց կտրուած, հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն կնիքը]

 

Յ.Գ.– Սոյն հրաւէրը ղրկուած է բոլոր լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն անխտիր:

 

*          *          *

 

 

  1. Լիբանանի Հայոց Առաջնորդարանէն

 

9/1. Թեմակալ առաջնորդներէն

 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ

PRELATURE ARMENIENNE DU LIBAN

Tel. 234167 – B. P. 409 – Beyrouth

 

Թիւ/No.                                                          Պէյրութ/Beyrouth, 10 Յուլիս 1976[xlv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի տիար,

Ազգ. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովս, իր 9 Յուլիս 1976 թուականին գումարած նիստին մէջ, Ձերդ սիրելիութիւնը նշանակեց Ուսումնական Խորհուրդի անդամ:

Նորընտիր Ուսումնական Խորհուրդի անդրանիկ նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 14 Յուլիս 1976, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ:

Շնորհաւորելով զՁեզ, կը մաղթենք յաջողութիւն եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն՝ ազգային կրթական մարզէն ներս:

Մնամք սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

 

Աղօթարար՝

[ստոր.՝ Տաճատ արք.]

Տաճատ Արքեպիսկոպոս[xlvi]

Առաջնորդ Հայոց Լիբանանի

եւ նախագահ Քաղաքական Ժողովի

[Լիբանանի թեմի առաջնորդարանի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ

PRELATURE ARMENIENNE DU LIBAN

ARMENIAN PRELACY OF LEBANON

 

Թիւ                                                                                         Պէյրութ, 18 Մարտ 1986[xlvii]

No.                                                                                          Beyrouth

 

Սիրելի պրն. Սիմոնեան,

Վստահ եմ տիկին Ազատուհին ընդունեց դասախօսել Ուրբաթ օր:

Ներփակ կը գտնէք ութ հրաւիրատոմսեր. կրնաք Ձեր անմիջական շրջապատին փոխանցել:

Շատ կը խնդրեմ որ տիկին Ազատուհին ժամը 9-ին ներկայ գտնուի, որովհետեւ յայտագրին մէջ փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ: Նախ ինք պիտի խօսի եւ յետոյ Ներսէս Սրբազանը:[xlviii]

Դարձեալ կը խնդրեմ իր կարեւորութեամբ նկատի առնէք այս պարագան եւ անմիջապէս գրաբերիս փոխանցէք Ձեր պատասխանը՝ համապատասխան կարգադրութիւնը կատարելու համար:

 

Լաւագոյն մաղթանքներով եւ սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

[ստոր.՝ Արամ եպ.]

Արամ Եպս. Քեշիշեան[xlix]

 

  1. P. 409, Beyrouth – Liban, Tel.:234167 – 262662 [+ նոյն տուեալներուն արաբերէնը]

 

*          *          *

 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ

Prelature Armenienne du Liban

Armenian Prelacy of Lebanon

 

Թիւ                                                                             Պէյրութ, 18 Մարտ 1986[l]

No.                                                                                          Beyrouth

 

Թիւ Ա/15/92                                                                          Պէյրութ, 14 Մարտ 1992

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել Ձեզի որ Ձեզ նշանակած ենք Ուսումնական Խորհուրդի անդամ յառաջիկայ երկու տարիներու համար: Ուսումնական Խորհուրդը Ազգային Իշխանութեան գործունէութեան ընդհանուր ծիրէն ներս կարեւոր պատասխանատուութեան է կոչուած: Վստահ ենք որ սիրով պիտի ընդառաջէք մեր հրաւէրին եւ Ձեր ամբողջանուէր մասնակցութեամբ մեծապէս պիտի նպաստէք Ուսումնական Խորհուրդի աշխատանքներուն:

Ուսումնական Խորհուրդի անդրանիկ նիստը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 1992-ին, կ. ետք ժամի 6-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ, մեր նախագահութեամբ:

Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն Ձեր ազգային ծառայութեան մէջ:

 

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

[ստոր.՝ Արամ Արքեպս.]

Արամ Արքեպս. Քեշիշեան

Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

 

  1. P. 409, Beyrouth – Liban – Tel.: (01) 260706 – (01) 262662 – Telex: 41355 PAL LE

 

*          *          *

 

9/2. Առաջնորդարանի դիւանապետէն

 

Պէյրութ, 3 Մայիս 1993[li]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Քեշիշեանի անունով Ձեզ կը հրաւիրենք մասնակցելու Ազգային Իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթի մի, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի կէսօրին, 23 Մայիս 1993-ին, Պրիսթոլ պանդոկի շքեղ սրահին մէջ: Սոյն ճաշկերոյթը տեղի կ’ունենայ ի յարգանս մեր համայնքէն ներս աւելի քան երեսուն տարիներ պաշտօնավարած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք ճաշկերոյթի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ պիտի արժանանան յատուկ գնահատանքի: Իր տեսակին մէջ եզակի այս ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը: Ճաշկերոյթին ներկայ պիտի ըլլան մեր համայնքը ներկայացնող բոլոր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները՝ շուրջ 500 հոգի: Այս գծով կարեւորութեամբ Ձեր ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել հետեւեալ կէտերը.

1.– Սոյն հրաւէրը անձնական է եւ ուրիշին փոխանցելի չէ: Իւրաքանչիւր հրաւիրեալին տեղը նախապէս ճշդուած պիտի ըլլայ: Հարկեցուցիչ պարագային եթէ պիտի չկարենաք ներկայ գտնուիլ, հաճեցէք կապ պահել Ազգային Առաջնորդարանի քարտուղարուհիներէն օրդ. Սոնա Պօղոսեանին հետ, Մայիս 16-էն առաջ: Առաջնորդարանի հեռաձայնի թիւերն են. 260706 – 266068 – 262662 – 583068:

2.– Ճաշկերոյթը պիտի սկսի ճիշդ ժամը 1-ին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է պանդոկ ըլլալ 12:30-էն 1-ի ընթացքին: Ինքնաշարժներուն համար ապահովուած է պանդոկին անմիջական կից գտնուող փարքինկը:[lii]

Անհրաժեշտութեան պարագային կրնաք կապ պահել ուղղակի ինծի հետ:

 

Լաւագոյն մաղթանքներով,

[ստոր.՝ ԺՍալմանեան]

Ժան Սալմանեան[liii]

Դիւանապետ Ազգ. Առաջնորդարանի

 

[Նոյն նամակը, ընդամէնը մէկ կէտի յաւելումով, վերստին առաքուած է 10 Մայիս 1993 թուակիրով: Այս նոր նամակ-հրաւէրին մէջ, 3 Մայիս 1993-ի թուակիրին 1-ին կէտը դարձած է 2-րդ կէտ, իսկ 2-րդ կէտը՝ 3-րդ կէտ: Աւելցուած է 1-ին կէտը.

1.– Ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել Ձեզի որ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ Ձեզի պիտի յանձնէ յատուկ գնահատագիր մը Ձեր երկար տարիներու ուսուցչական ծառայութեան համար: Ձեզի հետ միասին ճաշկերոյթին ներկայ կրնան ըլալ Ձեր անմիջական պարագաներէն մէկ հոգի (ամուսին, մայր, հայր, քոյր, եղբայր եւ այլն): Ինչպէս սոյն հրաւէրը կը կատարուի Ձեր անունին, նոյնպէս ճաշկերոյթին Ձեր տեղը պիտի ճշդուի Ձեր անունով: Հետեւաբար, Ձեզի ընկերացող անձը Ձեզի հետ պէտք է ներկայանայ ճաշկերոյթին:]

 

*          *          *

 

9/3. Ազգ. Քաղաքական Ժողովի Դիւանէն

 

Պէյրութ, 5 Մարտ 1998[liv]

 

Մեծայարգ տէր եւ տիկին Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանանի Ազգային Իշխանութեան Քաղաքական Ժողովը, ի պատիւ Հոգեշ. Տ. Գեղամ Ծ. Վրդ. Խաչերեանի Լիբանանի թեմի Հայոց Առաջնորդ ընտրութեան, Ձեզ կը հրաւիրէ ճաշկերոյթի մը Ազգային Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, Շաբաթ, 21 Մարտ 1998-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին:

Ճաշկերոյթին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի ժամը 9:30-ին՝ Առաջնորդ Հայր Սուրբի[ն] աղօթքով:

Ապահով ենք որ Ձեր ներկայութեամբ կը մասնակցիք ի պատիւ Առաջնորդին կազմակերպուած սոյն ճաշկերոյթին, որ առիթ պիտի ընծայէ մեր բոլորին, հետագային, գործակցութեան ոգիով հայ համայնքը ուժեղ ներկայութիւն դարձնելու լիբանանեան կեանքէն ներս:

 

Ազգային Իշխանութեան

Քաղաքական Ժողովի Դիւան

[Լիբանանի հայոց առաջնորդարանի հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը]

 

Ծանօթ: 1.- Հաճեցէք Ձեր պատասխանը փոխանցել Ազգ. Առաջնորդարանի
դիւանապետին մինչեւ 14 Մարտ, հեռաձայնելով 258300 թիւին,
առաւօտեան ժամը 8-14:

2.- Կը խնդրուի ճաշկերոյթի օրը ճշդապահ ըլլալ:

 

Հրաւէր 2 անձի

 

*          *          *

 

9/4. Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Դասագիրքերու Միացեալ Յանձնախումբէն

 

           Ազգային                                                                   Համազգայինի

Ուսումնական Խորհուրդի                                                Կեդրոնական Վարչութեան

Դասագիրքերու Միացեալ Յանձնախումբ

 

Պէյրութ, 13 Նոյեմբեր 1992[lv]

 

Մեծայարգ պ. Պէպօ Սիմոնեան,

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ դասագիրքերու միացեալ յանձնախումբս կարգ մը այլ դասագիրքերու շարքին յաջողեցաւ լոյս ընծայել նաեւ հայերէնի դասագիրքերու երկու հատորներ՝ «Ծիածան» Ա. (նախակրթարանի Ա. տարուան համար) եւ «Ծիածան» Բ. (նախակրթարանի Բ. տարուան համար), իրենց ընթերցարանով, գրաւոր աշխատանքներու տետրակներով եւ ուղեցոյցներով: Ասոնք արդէն կը կիրարկուին եւ փորձառական շրջան մը կ’անցընեն Լիբանանի ազգ. վարժարաններուն եւ Ճեմարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ արտասահմանի կարգ մը վարժարաններու մէջ:

Այսու Ձեր տրամադրութեան տակ կը դնենք «Ծիածան»ի Գ. տարուան ընթերցարանը (որուն գրաւոր աշխատանքներու տետրակը պատրաստութեան մէջ է), խնդրելով Ձեզմէ, որ բարեհաճիք ըստ կարելւոյն մանրամասնօրէն կարդալ զայն եւ մեզի փոխանցել Ձեր թելադրանքները, տեսակէտները եւ դիտողութիւնները, որոնք, վստահ ենք, պիտի աւելցնեն այս դասագրքին որակը:

Տրուած ըլլալով որ այս հատորը սերտօրէն կ’առնչուի նախորդ երկուքին (թէեւ զգալապէս կը տարբերի անոնցմէ ըստ կառոյցի), պիտի խնդրէինք, որ աչքի առաջ ունենայիք զանոնք եւս եւ ըստ այնմ կատարէիք Ձեր արժեւորումը:

***

Կարգ մը ժամկէտ[ն]եր յարգելու հարկադրանքին տակ գտնուելով՝ կը խնդրենք, որ ամենաուշը մինչեւ Յունուարի կէսը մեզի վերադարձուցած ըլլաք սոյն թղթածրարը Ձեր նշմարներով հանդերձ:

Մասնաւորաբար երախտապարտ պիտի ըլլանք, եթէ մեզի թելադրէք հատուածներ, զորս պիտի ուզէիք տեսնել այս կամ հետագայ հատորներուն մէջ, կամ բնաբաններ (թեմա), որոնք կրնան վրիպիլ մեր ուշադրութենէն:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն:

 

[անվերծանելի ստորագրութիւն]

 

*          *          *

 

           Ազգային                                                                   Համազգայինի

Ուսումնական Խորհուրդի                                                Կեդրոնական Վարչութեան

Դասագիրքերու Միացեալ Յանձնախումբ

 

Պէյրութ, 18 Յունուար 1993[lvi]

 

Սիրելի պ. Պէպօ Սիմոնեան,

Խոստացեր էի օրերս Ձեզի հանդիպիլ (եւ կը հանդիպիմ), սակայն մինչ այդ կը խնդրեմ, որ բարեհաճիք «Ծիածան» Գ.ի թղթածրարը, Ձեր նկատողութիւններով հանդերձ, վերադարձնել ինծի, որովհետեւ Յանձնախումբս պէտք է հանդիպում ունենայ եւ համադրէ տուեալները:

Ուրեմն՝ կը սպասեմ:

Թղթաբերիս կրնաք վստահիլ Ձեր առաքումը:

 

Շնորհակալութիւն

Ա. Ե.[lvii]

 

*          *          *

 

 

  1. Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութենէն

 

[Լիբանան, հաւանաբար Մարտի կէս, 1996][lviii]

 

Մեծայարգ պրն. Պէպօ Սիմոնեան,

Լիբանանի մօտ Հ․ Հ․[ի] դեսպանութիւնը պատիւն ունի Ձեզ տեղեակ պահելու, որ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին նուիրուած Մշակութային Շաբաթի ծիրին մէջ Լիբանան պիտի այցելէ տաղանդաւոր արձակագիր Հրանդ Մաթեւոսեան:[lix]

Ի շարս այլ ծրագիրներու, նախատեսուած է նաեւ մտերմիկ գրական հանդիպում մը լիբանանահայ ստեղծագործող մտաւորականութեան հետ, Կիրակի, 31 Մարտ 1996-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Անթիլիասի Garden Tower հիւրանոցի[ն] մէջ:

Կը սպասուի ունենալ սրտբաց զրոյց հայ գրականութեան եւ գրողներու այժմէական խնդիրներու եւ մտահոգութիւններու շուրջ:

Կ’ակնկալուի Ձեր մասնակցութիւնը սոյն հանդիպումին:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն:

 

Հայաստանի դեսպանութիւն

Լիբանան

Հաւատարմատար

[ստոր.՝ Երուանդ]

 

*          *          *

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՊԷՅՐՈՒԹ

EMBASSY OF THE REPUBLIC OF ARMENIA – BEIRUT

 

[Պէյրութ,] 1 ապրիլ 1997[lx]

 

Տէր եւ տիկին Պէպօ Սիմոնեան,

Յարգելի տէր եւ տիկին Սիմոնեան,

Լիբանանը համատարած վերակառուցման գործընթացի մէջ է: Վերակառուցւում է նաեւ մշակութային կեանքը, փորձեր են արւում վերագտնելու Լիբանանի մշակութային դերը տարածաշրջանում: Պատերազմը, բնականաբար, բերեց նաեւ արժէքների անկում, եւ հիմա հասարակութեան մտաւորական հատուածը փորձում է վերականգնել արժէքները: Այդ արժէքների կարեւոր մի մասը արտայայտւում է ազգային ժառանգութեամբ:

Միւս կողմից անկախացաւ Հայաստանը եւ սկզբնական տարբաղադրման գործընթացներին այժմ հետեւում է վերականգնման եւ վերարժեւորման գործընթացը, դանդաղ՝ բայց հետեւողական:

Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է դարձնել աւելի հիմնարար, փոխկապակցուած եւ համազգային խնդիրների մէջ անբաժանելի:

Ահա այս եռեակ հրամայականներից առաջնորդուած, Լիբանանում Հ․ Հ․[ի] դեսպանութիւնը նախաձեռնում է լիբանանահայ մտաւորականութեան պարբերական հաւաքները, ուր հայ մտքի եւ ոգու ներկայացուցիչները առիթ ունենան ազատ եւ անկաշկանդ մթնոլորտում կատարել մտքերի փոխանակութիւն, պարզապէս զրուցել մեր գրականութեան եւ արուեստի տարբեր բնագաւառների, Հայաստանի եւ Լիբանանի մշակութային գործակցութեան մասին:

Մասնակցութիւնը հիմնուած է բացարձակօրէն Ձեր անհատական ցանկութեան վրայ: Այս նամակը պարզապէս հաճոյքով կատարուած հրաւէր է՝ Ձեր անհատականութեամբ այդ հաւաքին Ձեր երանգը հաղորդելու համար: Այդ հաւաքի իւրաքանչիւր մասնակից ինքը ինքն է լինելու եւ չի ներկայացնելու որեւէ կառոյց կամ հաւաքականութիւն: Այսպիսի հրաւէրներ ուղարկուել են աւելի քան 40 լիբանանահայ մտաւորականների:

Առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 14 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 19:00-ին՝ դեսպանատան շէնքի առաջին յարկում, Նագգաշ:

Մասնակցութեան համար կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝

 

Երուանդ Մելքոնեան

[ստոր.՝ Երուանդ]

Լիբանանում Հ․ Հ․[ի] արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

 

01.04.1997

 

*          *          *

 

 

  1. Կաթողիկոսարանէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

 

11/1. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ

 

Թիւ 651-67                                                                 Անթիլիաս, 27 Նոյեմբեր 1967[lxi]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Ատենապետ Նոր Սերունդ Մշակութային Շարժումի,

Պէյրութ.

Յարգելի տիար,

Անկասկած գիտէք, թէ լիբանանցի ականաւոր իրաւաբան Մեթր Մուսա Փրէնս[lxii] տարիէ մը ի վեր լծուած է ԹՐՔԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆը փաստող եւ դատապարտող իրաւաբանական մեծածաւալ երկի մը խմբագրութեան եւ որ կը կոչուի «Հայասպանութիւն»: Ծանօթ ըլլալու էք նաեւ, տեղական մամուլէն, թէ Մեթր Փրէնս այս տարուան Յուլիսին հրապարակ հանեց իր երկին ներածականը, որ տեսակ մը նախաճաշակը պիտի ըլլայ բուն երկին եւ խայծը անոր սպառումին համար:

«Հայասպանութիւն» երկին հրատարակութիւնը մեծածախս գործ մը ըլլալուն, Մեթր Փրէնս որոշած է բաժանորդագրութեան դրութիւնը որդեգրել եւ ատկէ գոյացած գումարով ապահովել գրքին տպագրութեան ծախքերը:

Որո՞ւ նուիրել ներածականի հատորները, ինչպէ՞ս կազմակերպել բաժանորդագրութիւնները. Ահա՛ այս եւ յարակից հարցերու մասին խորհրդակցութեան մը համար կը հրաւիրենք Վարչութեանդ Դիւանը կամ ներկայացուցիչները ժողովի մը որ տեղի պիտի ունենայ 10 Դեկտեմբեր 1967, Կիրակի, կէսօրէն առաջ ժամը 11-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Անթիլիաս:

Խորհրդակցական այս ժողովին հրաւիրած ենք նաեւ Պէյրութի մշակութային այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, որովհետեւ համոզուած ենք, թէ համազգային գործակցութեամբ միայն կարելի է յաջողցնել նման հայանուէր ձեռնարկ մը:

Լիայոյս որ սիրով պիտի ընդառաջէք Մեր այս հրաւէրին,

Մնամ օրհնաձայն սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

 

Աղօթարար՝

[ստոր.՝ ԽորէնԱ.]

Խորէն Ա.[lxiii]

Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

 

*          *          *

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

[Անթիլիաս,] 15 Օգոստոս 1977[lxiv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Սիրելի դպրեվանեցի,

Այսու գրով հաճոյքն ունինք Ձեզ հրաւիրելու Պիքֆայա, Կաթողիկոսարանի հովոցը, օր մը միասնաբար վերապրելու Դպրեվանքի մթնոլորտը եւ վերանորոգելու Ձեր դպրեվանքեան յիշատակներն ու ապրումները:

Մեր փափաքն է որ այն աշակերտները, որոնք անցնող տարիներու ընթացքին ուսում առած են Դպրեվանքի մէջ, շրջանաւարտ կամ ոչ-շրջանաւարտ, համախմբուին Պիքֆայայի մէջ, հիւրը ըլլալով Խորէն Ա. Կաթողիկոսի եւ Մեզի:

Ուստի, Ձեզ կը հրաւիրենք ներկայ գտնուելու Պիքֆայա, յառաջիկայ Սեպտեմբերի 3-ին, Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 11-ին:

Նախ, Դպրեվանքի ամառանոցի սրահին մէջ պիտի հաւաքուինք, ուր Վեհ. Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսը եւ Մենք անձնապէս Մեր ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքը պիտի ուղղենք նախկին դպրեվանեցիներուդ: Ապա, անոնք որոնք կը փափաքին՝ ազատ պիտի ըլլան խօսք առնելու եւ Դպրեվանքի առաքելութեան եւ առհասարակ Կաթողիկոսարանիս կրթական եւ մշակութային դերին մասին իրենց տեսակէտները յայտնելու կամ թելադրութիւններ կատարելու: Կէսօրին, ժամը մէկին, հաւաքական վանական ճաշ պիտի ունենանք, բացօթեայ, Կաթողիկոսարանի բակին մէջ: Ժամը 3-ին երկրորդ նիստ մը տեղի պիտի ունենայ սրահին մէջ, որուն պիտի հետեւի երեկոյեան ժամերգութիւնը Կիրակմուտքի, մասնակցութեամբ բոլոր դպրեվանեցիներուդ:

Հաւաքոյթը վերջ պիտի գտնէ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք եւ ներկաներ ազատ կրնան զգալ վերադառնալու:

Վստահ ենք, որ խորապէս հաճելի եւ մեծապէս շահեկան հանդիպում մը պիտի ըլլայ այս հաւաքոյթը, առաջինը իր տեսակին մէջ: Ուստի, ջերմօրէն պիտի խնդրէինք, որ ամէն ջանք ընէիք անպայման ներկայ գտնուելու:

Սպասելով Ձեզ ողջունել Սեպտեմբեր 3-ին Պիքֆայայի մէջ,

 

Մնամք սիրոյ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝

[ստոր.՝ ԳարեգինԲ]

Գարեգին Բ.

 

*          *          *

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ

 

Թիւ                                                                                         Անթիլիաս, 21 Յունուար 1981[lxv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ.

Ներփակ կը ստանաք օրինակ մը Դպրեվանքի յիսնամեակի[ն] առիթով Մեր գրած Կոնդակէն: Պարտք համարեցինք առանձնապէս ուղարկել զայն Ձեզի, որովհետեւ որպէս նախկին սան Դպրեվանքի, կը փափաքինք որ առիթ ունենաք վերյիշելու Ձեր դպրեվանքեան օրերը, վերապրելու այն պահերը, որոնք Ձեր կազմաւորման մէջ դեր ունեցան եւ խօսելու ու գրելու Դպրեվանքի կենսական կարեւորութեան մասին:

Ինչպէս պիտի տեսնէք, Մեր Կոնդակին մէջ յատուկ պարբերութիւն մը յատկացուցած ենք նախկին սաներուն, վստահ ըլլալով որ իրենք առաւել եւս պիտի արժեցնեն այն բարիքը զոր ստացած են Դպրեվանքէն եւ բարոյական աջակցութենէն զատ, պիտի ջանան նաեւ նիւթական օժանդակութիւն ապահովել իրենց անմիջական շրջանակին մէջ Մեր առաջադրած հիմնադրամին (ֆոնտ) համար, որովհետեւ ներկայի պայմանները շատ անբաւարար են այս կենսական գործը բարւօք եւ ատօք արդիւնաւորութեամբ ի գլուխ հանելու համար: Շէնքի, կեցութեան եւ աշխատանքի պայմանները պէտք է բարելաւուին: Սա անմիջական, ստիպողական կարիք է: Փոքր նուէրներով յաճախ մեծ իրագործումներ կարելի է կատարել:

Ուրախ կ’ըլլանք նաեւ եթէ Ձեր դպրեվանքեան յուշերէն պահ մը վերապրեցնէք գեղեցիկ գրական կտորով մը եւ կամ Դպրեվանքի անցեալի կամ ներկայի գործունէութեան մասին գրէք յօդուած մը եւ ղրկէք Մեզի, որովհետեւ առաջադրուած է յիսնամեակի[ն] առիթով հատոր մը հրատարակել,[lxvi] որուն մէջ գլխաւորապէս պիտի ամփոփուին Դպրեվանքի սաներուն գրութիւնները: Հաճեցէ՛ք գրութիւնը Մեզի ուղարկել մինչեւ 1981-ի Ապրիլի վերջը:

Մնամք կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ ջերմ ողջունիւ,

 

Աղօթարար՝

[ստոր.՝ ԳարեգինԲ]

Գարեգին Բ.

Աթոռակից Կաթողիկոս

 

*          *          *

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ

 

Թիւ 53/92                                                                   Անթիլիաս, 15 Փետրուար 1992[lxvii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ.

Սիրելի պրն. Սիմոնեան,

Այսու գրով հաճոյքն ունինք Ձեզ հրաւիրելու հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կաթողիկոսարանի Մեր գրասենակին մէջ, խորհրդակցելու համար «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»ի յառաջիկայ թիւի (Զ.) հրատարակութեան մասին: Ներկայ պիտի գտնուին Լիբանանի մէջ ապրող եւ գործող նախկին աշխատակիցները:

Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ուրբաթ, 21 Փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին:

Սպասելով Ձեզ տեսնել եւ Ձեր տեսակէտներուն հաղորդ ըլլալ,

 

Մնամք սիրոյ ողջունիւ եւ գնահատանքով,

Աղօթարար՝

[ստոր.՝ Գարեգին]

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

 

*          *          *

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ

 

Թիւ 104/93                                                                 Անթիլիաս, 29 Ապրիլ 1993[lxviii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ,

Սիրելի պրն. Սիմոնեան,

Այսու գրով հաճոյքն ունինք յայտնելու Ձեզի, որ Ձեզ անդամ նշանակեցինք Կաթողիկոսարանիս «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»ի Յանձնախումբին: Յանձնախումբը կը գործէ Մեր նախագահութեամբ: Անոր միւս անդամներն են. Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեան,[lxix] Տ. Զարեհ Եպսկ. Ազնաւորեան,[lxx] Տեարք Հրաչ Տասնապետեան,[lxxi] Պօղոս Սնապեան, Գէորգ Գանտահարեան[lxxii] եւ Տքթ. Արմենակ Եղիայեան:

Հետեւաբար, Ձեզ կը հրաւիրենք Յանձնախումբի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 6 Մայիս, երեկոյեան ժամը 6-ին:

Վստահ ենք որ հայ գրականութեան հանդէպ Ձեր ունեցած սէրէն մղուած նուիրումի ոգիով Ձեր սպասը պիտի բերէք գրական այս հիմնադրամի բարւօք օգտագործման, ի սպաս հայ գրականութեան եւ մշակոյթին:

 

Մնամք սիրոյ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝

[ստոր.՝ Գարեգին]

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

 

*          *          *

 

11/2. Հաւանաբար՝ Դիւանատունէն

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ

 

Անթիլիաս, [հաւանաբար 1980-ականներու վերջ][lxxiii]

 

Հրաւէր խորհրդակցութեան

 

Սիրով կը հրաւիրենք Ձեզ հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի մեր գրասենեակին մէջ, յառաջիկայ Դշ. (Չորեքշաբթի), 23 Յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին:

Խորհրդակցութեան նիւթը պիտի ըլլայ հայկական համայնագիտարանի մեր պատրաստութեան ընթացքի մէջ եղող գործը՝ պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան եւ արեւելագէտ պրն. Բարսեղ Թուղլաճեանի[lxxiv] կողմէ, որ մեզի յանձնարարուած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետէն՝ Տ. Տ. Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կողմէ: Պրն. Թուղլաճեան անձամբ պիտի ներկայացնէ իր գործին առաջին հատորը որպէս նմոյշ եւ ուրախ պիտի ըլլայ լսելու Ձեր տեսակէտները գործի զարգացման եւ ճոխացման տեսակէտէն:

 

Սիրոյ ողջունիւ՝

[ստոր.՝ Գարեգին]

 

Պրն. Զաւէն Մսըրլեան                                           Օր. Մանուշակ Պոյաճեան[lxxv]

Պրն. Արտաշէս Տ[էր] Խաչատուրեան[lxxvi]             Պրն. Լեւոն Վարդան

Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան                                      Պրն. Երուանդ Քասունի

Պրն. Գրիգոր Շահինեան                                       Պրն. Երուանդ Փամպուքեան[lxxvii]

Պրն. Վահէ-Վահեան                                              Պրն. Պէպօ Սիմոնեան

Հայր Սահակ Քեշիշեան[lxxviii]

 

*          *          *

 

11/3. Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ-Տնօրէնութենէն

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ, ԼԻԲԱՆԱՆ                            ARMENIAN CATHOLICOSSATE

ՎԱՐԻՉ-ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ                                    ANTELIAS – LEBANON

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ  DIRECTOR GENERAL OF SUNDAY SCHOOLS

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ OF THE ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH

ՀՒՄՆԵԱԼ 1929-ԻՆ                                                 FOUNDED IN 1929

 

Թիւ                                                                             Անթիլիաս, 9 Նոյեմբեր 1979[lxxix]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի տիար,

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութիւնը գործակցութեամբ Լիբանանի Թեմի Կրօնական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, կազմակերպած է դասընթացք մը յատկապէս այն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն համար, որոնք կը դասաւանդեն կիրակնօրեայ եւ ամէնօրեայ դպրոցներու մէջ:

Այս առթիւ կը փափաքէինք օգտուիլ Ձեր տարիներու փորձառութենէն եւ կը համարձակինք դիմել Ձեզի իբր դասախօս, «Ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւն» նիւթի շուրջ: Սոյն դասախօսութեան յատկացուած է 50 վայրկեան, որուն 30 վայրկեանը դասախօսութեան եւ 20 վայրկեանը հարց-պատասխանի համար: Սոյն դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ք. Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Դեկտ. 29, Շաբաթ օր, կ. ե. ժամը 4-5:

Պիտի խնդրէինք որ Ձեր նիւթին քննարկման մէջ ըլլայիք աւելի գործնական, կապելով զայն մեր առօրեայ կեանքի ապրումներուն ու մտահոգութեան:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ լաւագոյն մաղթանքներով,

 

Մատլէն Քէօշկերեան                                Աղաւնի Արսլանեան

[ստոր.՝ Քէօշկերեան]                                 [ստոր.՝ Ա. Արսլանեան]

Վարիչ քարտուղարուհի Կիրակնօրեայ             Վարիչ քարտուղարուհի Լիբանանի

Դպրոցներու տնօրէնութեան                               թեմի Կրօնական Խորհուրդի

[ՀԵԿԴ-ի տնօրէնութեան կլոր կնիքը]                 [Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կրօնական Դաստիարակութեան Խորհուրդի հաւկթաձեւ կնիքը]

 

«Թոյլ տուք մանկտւոյդ գալ առ Իս, եւ մի՛ արգելուք զդոսա»: (Մարկ. Ժ 14)

«Let the children come to Me, do not hinder them » (Mark 10-14)

 

Ծանօթ.– Հաճեցէ՛ք Ձեր դասախօսութիւնը մէկ էջի մէջ ամփոփելով նախապէս մեզի ուղարկել, որպէսզի բազմագրելով ներկաներուն ցրուենք:

 

*          *          *

 

11/4. Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքէն

 

 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ                                                          Armenian Church

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան                          Christian Education Department

Բաժանմունք

Կաթողիկոսութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ                                   Catholicossate of Cilicia

Անթիլիաս – Լիբանան                                                                   Antelias – Lebanon

                                                                                                                            

 

Թիւ 10/87                                                       [Անթիլիաս,] 25 Փետրուար 1987[lxxx]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Սահակեան-Մկրտիչեան Լիսէի,

Պէյրութ – Լիբանան.

Մեծայարգ տիար Սիմոնեան,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին անունով կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու Ձեզի, որ յօժարութեամբ ընդառաջեցիք մեր առաջարկին եւ Բաժանմունքիս կողմէ կազմակերպուած «Հայ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր եւ Մշակութային Դասընթացք»ի չորրորդ տարեշրջանի նիւթերուն մատուցման բերիք Ձեր թանկագին նպաստը:

Արդարեւ, ներկայ տարեշրջանը, «Հայ Եկեղեցին եւ Հայկական Վերազարթօնքը» խորագրուած դասախօսութեանց շարքը ընդհանրապէս, եւ Ձեր մատուցածը՝ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ, մեր կեանքի ներկայ հանգրուանին մեր ժողովուրդին համար շատ մը կողմերով վերբերիչ եւ դրականօրէն դաստիարակիչ էին եւ եղան, հակառակ ունկնդիր հասարակութեան համեմատաբար սակաթիւ ներկայութեան: Մենք մեր եւ մեր ունկնդիրներուն պարգեւուած վայելքին համար ուրախ ենք եւ շնորհակալ:

Ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ կարենաք Ձեր դասախօսութիւնը իր լման ձեւով դնել մեր տրամադրութեան տակ, զայն Կաթողիկոսարանիս պաշտօնաթերթին՝ «Հասկ»ի մէջ հրատարակելու համար:[lxxxi]

Բաժանմունքիս կողմէ նախորդ տարիներուն որդեգրուած աւանդութիւն մըն է՝ իւրաքանչիւր դասախօսութիւն լման դասապահ մը նկատել եւ գնահատութեան լոկ խորհրդանշական իբրեւ արտայայտութիւն՝ աննշան նուէր մը փոխանցել: Առ այդ հաճեցէք ընդունիլ ներփակուած 250 (երկու հարիւր յիսուն) լիբ. ոսկիի գումարը:

Մաղթելով Ձեզի քաջառողջութիւն, անսպառ ոյժ ու եռանդ, եւ ազգանուէր Ձեր աշխատանքներուն ամբողջական յաջողութիւն, մնամք միշտ սիրով,

 

Աղօթարար՝

[ստոր.՝ Զարեհ եպս.]

Զարեհ Եպս. Ազնաւորեան

Վարիչ դասընթացքի

 

*          *          *

 

 

  1. Կիլիկեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեանի Խմբագրական Մարմինէն

 

ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

 

Հալէպ, 31 Մարտ 1995[lxxxii]

 

Մեծայարգ ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ.

Ընթացիկ 1996 թուականին Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը, իսկ Կիլիկեան Ճեմարանը՝ 35-ամեակը:

Առ այդ, հաստատութեան Խնամակալութիւնն ու Հոգաբարձութիւնը որոշած են այս բարեբաստիկ առիթով հրատարակել «Յուշամատեան» մը,[lxxxiii] որ պիտի ցոլացնէ մեր արդիւնաշատ կրթարանին անցեալն ու ներկան՝ վեր առնելով անոր կրթանուէր դերը ազգապահպանման սրբազան գործին մէջ:

Ուստի, ծանօթ ըլլալով Ձեր զգացումներուն, կը խնդրենք, որ բարեհաճիք յօդուած մը պատրաստել «Յուշամատեան»ին մէջ հրատարակուելու համար:

Կը յուսանք, որ մինչեւ 1996-ի Ապրիլ ամսուան վերջաւորութիւնը՝ խմբագրական մարմինս կը փութացնէք մեր ակնկալած գրութիւնը եւ Ձեր լուսանկարը «10 x 7» չափով: Կամ կէս քարթ-փոսթալ:

Վստահ ըլլալով, որ չէք մերժեր մեզ, կը մնանք կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յարգանքով:

 

Ի դիմաց «Յուշամատեան»ի

Խմբագրական Մարմինի՝

Ատենադպիր՝                       Ատենապետ՝

Ռուբէն Տիրարեան              Կարապետ Եաղսըզեան

[ստոր.՝ ՌՏիրարեան]         [ստորագրութիւնը կը բացակայի]

 

Հասցէ. 1- Administrative Committee of Guiligian College

c/o Mr. Sarkis Meguerditchian

  1. O. Box: 6078 Aleppo – Syria

2- Direction of Guiligian College

c/o Mrs. Aznive Kirishian

  1. O. Box: 6930, Aleppo – Syria

 

*          *          *

 

  1. Կիլիկեան Մշակութային Միութենէն

 

ԿԻԼԻԿԵԱՆ                                                               GUILIGUIAN

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ                            ASSOCIATION CULTURELLE

Փոստարկղ 873                                                        P. O. Box 973

Հալէպ – Սուրիա                                                      Aleppo – Syria

 

[Հալէպ, Հոկտեմբեր 1997][lxxxiv]

 

ՀՐԱՒԻՐԱԳԻՐ

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Ինչպէս ծանօթ է Ձեզի, այս տարի կը լրանայ Կիլիկեան Կրթական Հաստատութեան 75-ամեակը:

1997 թուականը ամբողջութեամբ, փառաւոր ուղի անցած այս հայրենասէր օճախին նուիրուեցաւ (հանդէսներ, օրացոյց, յուշամատեան): Հետեւաբար, որպէս շարունակութիւնը յոբելենական տարուայ, պիտի կատարուի եզրափակիչ՝ արժանավայել յուշահանդէս, ապա պարահանդէս, 28-29 Նոյ. 1997-ին:

Այս առիթով ստեղծուած յոբելենական յանձնաժողովի[ն] անունով, սիրով կը հրաւիրենք Ձեզ, որ Ձեր ներկայութեամբ պատուէք հնամենի այս հաստատութեան յուշահանդէսը:

Որպէս արժանաւոր զաւակը Կիլիկեանի, կը յուսանք որ սիրով պիտի ընդառաջէք մեզի եւ Ձեր ներկայութեամբ գեղեցիկ վերյուշ մը պիտի պարգեւէք մայր գաղութ Հալէպին:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յարգանօք,

 

ի դիմաց

Կիլիկեանի Յոբելենական Յանձնաժողովի՝

[Կիլիկեան Մշակութային Միութեան արաբերէն եւ հայերէն կլոր կնիքը]

 

Ծանօթ.– Կը խնդրուի 244912 եւ 600708 fax-ով հաղորդել մեզի (մինչեւ 30 Հոկտ.) Ձեր մասնակցութեան մասին:

Նախապատուութիւնը ակումբիս fax-ի թիւին (244912)

 

*          *          *

 

 

  1. Կիլիկեան Շրջանակի Խնամակալութենէն

 

ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿԻ

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հալէպ – Սուրիա

 

Թիւ ……….                                                                                          Հալէպ, 30 Յունիս 1998[lxxxv]

 

Մեծայարգ ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Ա. դպիր Ս. Դ. Հ. Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան,

Պէյրութ.

Յարգելի ընկեր,

Կազմակերպութեամբ Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան, յառաջիկայ Յուլիս 12-ին, տեղի պիտի ունենայ Քսան Կախաղաններու յիշատակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւն:

Շրջանիս Վարիչ Մարմինի[ն] ցանկութիւնն է, որ յիշեալ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը Դուք ըլլաք եւ Ձեր առինքնող ու հոգեպարար խօսքերով խանդավառէք ներկաները:

Ուստի սոյն գրութեամբ պաշտօնապէս կը հրաւիրենք Ձեզ որպէս բանախօս ներկայ ըլլալու մեր հանդիսութեան՝ միասնաբար ոգեկոչելու համար մեր անմահ Քսաններու[ն] խնկելի յիշատակը:

Վստահ ենք որ սիրով կ’ընդառաջէք մեր խնդրանքին որու համար կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնները:

 

Ի դիմաց

Կիլիկեան Շրջանակի Խնամակալութեան՝

Ա. դպիր՝                                            Ա. պետ՝

Հրանդ Աթթարեան                          Սարգիս Մկրտիչեան

[ստոր.՝ ՀԱթ]                                     [ստոր.՝ խզբզոց մը]

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Կիլիկեան Շրջանակի Խնամակալութեան հայերէն, հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

 

  1. Համազգային Հայ Մշակութային Եւ Կրթական Ընկերակցութեան/Միութեան տարբեր մարմիններէն

 

15/1. Համազգային Հայ Մշակութային Եւ Կրթական Ընկերակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն

 

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Պէյրութ, 14 Յունիս 1986[lxxxvi]

 

Յարգելի արուեստագէտ բարեկամ պրն. Սիմոնեան Պէպօ,

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը հրաւիրէ ձեզ ի պատիւ լիբանահայ արհեստավարժ արուեստագէտներուն կազմակերպուած ընդունելութեան մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ազիրեան ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, յառաջիկայ 8 Յուլիս 1986-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն 10:00:

Այս ընդունելութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ վիճակաձգութիւնը Համազգայինի մշակութային վիճակահանութեան:

Յուսալով որ ձեր ներկայութեամբ պիտի պատուէք մեզ, կը խնդրենք որ հաւատաք մեր լաւագոյն զգացումներուն:

Համազգայինի

Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

Ատենադպրուհի՝                 Ատենապետ՝

[ստոր.՝ Ա. Գազանճեան][ստոր.՝ ԳՇահինեան]

Ա. Գազանճեան                   Գ. Շահինեան

[Անուններուն վրայ՝ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

 

15/2. Համազգային Հայ Մշակութային Եւ Կրթական Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութենէն

 

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Պէյրութ, 20 Սեպտեմբեր [19]74[lxxxvii]

 

Մեծայարգ տիար Պ. Սիմոնեան,

«Համազգային» Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած է տօնակատարել ժամանակակից հայ գրականութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն՝ բանաստեղծ, արձակագիր եւ ուսուցիչ Մ. Իշխանի գրական քառասնամեայ գործունէութեան յոբելեանը, համահայկական չափանիշով:

Կը փափաքինք որ այս ձեռնարկը երախտագիտութեան հարազատ եւ ամբողջական ցոլացումը ըլլայ հայութեան՝ հանդէպ իր կեանքը հայ գիրին եւ դպրութեան նուիրած, իր ժողովուրդի ցաւին եւ ուրախութեան, երազին եւ իրագործումներուն թարգմանը հանդիսացող մէկ զաւկին, որ կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ:

Այս տօնակատարութեան համահայկական բնոյթը ընդգծելու եւ ձեռնարկին յատուկ փայլ մը տալու առաջադրանքով, Կեդրոնական Վարչութիւնս որոշած է կազմել Յոբելինական Պատւոյ Մարմին մը, բաղկացած սփիւռքը ներկայացնող զանազան հեղինակաւոր անձնաւորութիւններէ:

Իբրեւ մէկ այդպիսին, մեր փափաքն է որ Դուք ալ մաս կազմէք վերոյիշեալ պատուակալ մարմինին:

Վստահ ենք որ հայ ստեղծագործական ճիգն ու միտքը առարկայ են Ձեր խոր եւ ամբողջական սիրոյն, ուստի եւ գնահատող մըն էք Մ. Իշխանի գրական վաստակին: Հետեւաբար կը յուսանք թէ Ձեզի համար քաղցր պարտականութիւն մը եւ ուրախութիւն մը պիտի ըլլայ դրական պատասխան տալ մեր հրաւէրին:

 

«Համազգային» Հայ Մշակութային եւ Կրթ.

Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Ատենադպիր                       Ատենապետ

[ստոր.՝ Պ.Տուզ]         [ստոր.՝ ԵԳոնեալեան]

Պ. Տուզճեան տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան[lxxxviii]

[Երկու անուններուն միջեւ՝ զարմանալիօրէն, միայն արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիք՝ Hamaskain Assco. [այսպէս՝ սխալ է] Culturelle Arm.]

 

*          *          *

 

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ASSOCIATION CULTURELLE ARMENIENNE “HAMAZKAÏNE”

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

[Պէյրութ, հաւանաբար 1974-ի նոյեմբերի վերջ][lxxxix]

 

Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան

Զանազան գաղութներու մէջ կատարուելիք յոբելինական հանդիսութիւններու շարքին առաջինը տեղի պիտի ունենայ Լիբանան, Կիրակի, 8 Դեկտ. 1974-ին, UNESCO-ի շքեղ սրահին մէջ:

Առ այդ, կը խնդրենք կարելի ամենակարճ ժամանակամիջոցին պատասխանել մեր հրաւէրին:

 

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝

«Համազգային»ի Կեդր. Վարչութիւն

[Երկու անուններուն միջեւ՝ միայն արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը]

 

10, Rue Hussein Beyhoum – Tel. 228032 – Beyrouth – Liban

 

*          *          *

 

15/3. Համազգային Հայ Մշակութային Եւ Կրթական Ընկերակցութեան Պէյրութի Մասնաճիւղէն

 

[Պէյրութ,] 30 Նոյեմբեր 1968[xc]

 

Յարգելի պրն. Պէպօ Սիմոնեան,

Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղը ծրագրած է գրական սեմինար մը սարքել «Գրողի ուժը» թեմային շուրջ:

Այս սեմինարը, որուն հրաւիրած ենք Լիբանանի բոլոր այն գրողները որոնք հրապարակ իջած են առնուազն մէկ լուրջ երկով, պիտի կայանայ Յունուար 4-ին, 1969, «Օմար Խայեամ» պանդոկի դասախօսութեանց սրահին մէջ ու պիտի տեւէ ամբողջ կէսօրէ վերջ մը: Յարմար կը նկատենք որ ժողովին աշխատանքները տեղի ունենան դռնփակ, բայց պիտի հայթայթենք մնայուն քարտուղար մը կարենալ հրատարակելու[xci] համար շահեկան բաժինները արտայայտուած գաղափարներուն:

Հանդիպումը պիտի վարէ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի նախագահ պրն. Շաւարշ Թորիկեան:[xcii] Աշխատանքները դիւրացնելու եւ աւելի արդիւնաւոր դարձնելու մտահոգութեամբ, պատրաստած ենք ուղեցոյց-օրակարգ մը սեմինարի նիւթէն բխող ու զայն լուսաւորող, զոր կը ներփակենք:

Անշուշտ գիտէք որ առհասարակ երբ նման սեմինարներ կը կայացուին, կարծիքներու փոխանակութիւնները կը կեդրոնացուին քանի մը զեկուցումներու շուրջ զորս մասնակցողներէն ոմանք առաջուընէ պատրաստած կ’ըլլան:

Մենք ալ կ’ուզենք նոյն եղանակով ընթանալ, ուստի թելադրած ենք կարգ մը գրողներու որ զեկուցումներ պատրաստեն եւ կարդան սեմինարի ընթացքին:

Ուրախ կ’ըլլանք եթէ մինչեւ Դեկտ. 15 մեզ[ի] իմացնէք թէ կ’ուզէ՞ք կամ ոչ մասնակցիլ այս սեմինարին:

Ներփակ կը գտնէք ամբողջական քանակը հրաւիրեալներուն:

 

Անկեղծ զգացումներով՝

Վարչութիւն

[ստոր.՝ Շաւարշ Թորիկեան]

[Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին հայերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հիւսէյն Պէյհում փողոց, թիւ 1

Հեռ. 297949 Պէյրութ – Լիբանան

 

[Պէյրութ, 1972-ի Յունուարի բ․ կէս][xciii]

 

Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,

1971-1972 տարեշրջանին համար, Միութիւնս կազմակերպած է դասախօսական շարք մը «Լիբանահայ մշակութային կեանքի հոլովոյթը (զարգացումն ու թերութիւնները)» անուան տակ:

Դասախօսութիւններու այս շարքը կ’ընդգրկէ վեց նիւթեր.

– Լրագրութիւն

Դասախօս՝ պրն. Երուանդ Փամպուքեան:

– Գրականութիւն

Դասախօս՝ տոքթ. Յ. Գեղարդ:[xciv]

– Թատրոն եւ թատերական գրականութիւն

Դասախօս՝ պրն. Գրիգոր Շահինեան:

– Երաժշտութիւն

Դասախօս՝ պրն. Յովհաննէս Սալիպեան:[xcv]

– Նկարչութիւն եւ քանդակագործութիւն

Դասախօս՝ պրն. Յարութիւն Թորոսեան:

– Պարարուեստ

Դասախօս՝ տիկ. Սոնա Փոլատեան-Օրջանեան:

Այս շարքին պատկանող Գրականութիւն նիւթը ներկայացնող դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 27 Յունուար 1972, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Վասպուրական սրահին մէջ: Դասախօսութեան պիտի յաջորդէ կարծիքներու փոխանակում եւ վիճաբանութիւններ:

Նկատի առնելով տարիներու Ձեր փորձառութիւնը եւ մասնակցութիւնը մեր մշակութային կեանքին, կը խնդրենք Ձեզմէ ներկայ գտնուիլ սոյն դասախօսութեան եւ մասնակցիլ վիճաբանութիւններուն:

 

Յարգանօք՝

Ատենադպրուհի՝                Ատենապետ՝

[ստոր.՝ Հուրի Բանեան][xcvi] [դժուարընթեռնելի ստոր.՝ Աշպէրպփելթէքեան]

 

*          *          *

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հիւսէյն Պէյհում փողոց, թիւ 1

Հեռ. 297949 Պէյրութ – Լիբանան

 

[Պէյրութ, 1972-ի Մարտի սկիզբ][xcvii]

 

Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,

1971-1972 տարեշրջանին համար, Միութիւնս կազմակերպած է դասախօսական շարք մը «Լիբանահայ մշակութային կեանքի հոլովոյթը (զարգացումն ու թերութիւնները)» անուան տակ:

Դասախօսութիւններու այս շարքը կ’ընդգրկէ վեց նիւթեր.

– Լրագրութիւն

Դասախօս՝ պրն. Երուանդ Փամպուքեան:

– Գրականութիւն

Դասախօս՝ տոքթ. Յ. Գեղարդ:

– Թատրոն եւ թատերական գրականութիւն

Դասախօս՝ պրն. Գրիգոր Շահինեան:

– Երաժշտութիւն

Դասախօս՝ պրն. Յովհաննէս Սալիպեան:

– Նկարչութիւն եւ քանդակագործութիւն

Դասախօս՝ պրն. Յարութիւն Թորոսեան:

– Պարարուեստ

Դասախօս՝ տիկ. Սոնա Փոլատեան-Օրջանեան:

Այս շարքին պատկանող Լրագրութիւն նիւթը ներկայացնող դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 9 Մարտ 1972, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Վասպուրական սրահին մէջ: Դասախօսութեան պիտի յաջորդէ կարծիքներու փոխանակում եւ վիճաբանութիւններ:

Նկատի առնելով տարիներու Ձեր փորձառութիւնը եւ մասնակցութիւնը մեր մշակութային կեանքին, կը խնդրենք Ձեզմէ ներկայ գտնուիլ սոյն դասախօսութեան եւ մասնակցիլ վիճաբանութիւններուն:

 

Յարգանօք՝

Ատենադպրուհի՝                 Ատենապետ՝

[ստոր.՝ Հուրի Բանեան] [դժուարընթեռնելի ստոր.՝ Աշպէրպփելթէքեան]

 

*          *          *

 

 

  1. Հայաստանի Գրողների Միութեան ղեկավարութենէն

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐՈՂՆԵՐԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

СОЮЗ ПИСАТЕЛЕЙ АРМЕНИИ

 

Երեւան, 375019, Մարշալ Բաղրամեան թիւ 3 Հեռախօս 56-45-70

Ереван            Маршал Баграмяна              телефон

 

ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

СЕКРЕТАРЬ СОЮЗА

 

Nº ԳՄ-7                                                         [Երեւան,] 18 Սեպտեմբեր 1996[xcviii]

 

Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան,

Ստացայ Մաքրուհի Երկանեանի միջոցով գրութիւնդ եւ գրքերդ: Անչափ շնորհակալ եմ: Շատ պիտի ցանկանայի, որ այսպիսով մեր միջեւ մշտական կապ եւ նամակագրութիւն հաստատուէր: Դրա արդիւնքը կլինի այն, որ քո գրութիւնները աւելի յաճախ կյայտնուէին մեր մամուլի էջերում, իսկ դա մեզ շատ անհրաժեշտ է:

Մենք ուժեղ ենք մեր սփիւռքով: Եւ գեղեցիկ է, երբ մեր հայրենիքի ներքին կեանքին մասնակից են սփիւռքի մեր եղբայրները:

Գրիր «Նոր դար»ի համար: Բանաստեղծութիւններ, արձակ, յօդուածներ: Կ’ընդունենք մեծ ուրախութեամբ: Քեզ եմ ուղարկում «Նոր դար»ը, որ այստեղ ջերմ սիրոյ արժանացաւ մեր գրողների կողմից:

 

Ջերմ համակրանքով՝

[ստոր.՝ Ա. Ափինեան] Աբգար Ափինեան

 

*          *          *

 

[Երեւան,] 10 Սեպտեմբեր 1998[xcix]

 

Յարգարժան Պէպօ Սիմոնեան,

Շնորհակալ եմ հարազատ ու ջերմ վերաբերմունքի համար, որով շրջապատեցիք ինձ Պէյրութ կատարած աշխատանքային այցիս ընթացքում: Սառոյցը շարժուեց: Գրողների միութիւնում ստեղծել ենք հրատարակչութիւն, գրքեր ենք տպագրում, որ շուտով կ’ունենաք: Գրական կեանքը զարթօնքի մէջ է եւ մենք ակնկալում ենք Ձեր աջակցութիւնը այս պատասխանատու պահին: Խնդրում եմ ընդունէք առաջարկս՝ անդամ դառնալու Լիբանանի Գրական Հիմնադրամի Գործադիր Մարմնի: Շնորհակալ կլինենք, եթէ Ձեր աշխատանքով եւ հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանի, հիմնադրամն ստանձնի 5 գրքի տպագրութեան մեկենասութիւն այս տարուայ ընթացքում, որի համար անհրաժեշտ կլինի հինգ հազար տոլար: Սա պատմական արժէք ունեցող գործ է, եւ պիտի հաւատանք, որ այն կյաջողուի:

 

Կանխաւ շնորհակալութեամբ՝

[ստոր.՝ Ա. Ափինեան] Աբգար Ափինեան

Հայաստանի Գրողների Միութեան առաջին քարտուղար

«Հայ գրականութեան բարեկամներ»

միութեան նախագահ

 

*          *          *

 

[Երեւան, հաւանաբար 1990-ականներու վերջ][c]

 

Յարգարժան Պէպօ Սիմոնեան,

Եկայ Ձեզ տեսնելու, ցաւօք, հիւրանոցում չէիք:

Որ Երեւանում էք, իմացայ Մարօ Մարգարեանից:

Շատ կը ցանկանայի հանդիպել Ձեզ հետ եւ զրուցել մեր գրական կեանքի շուրջ:

 

Աբգար Ափինեան

Հայաստանի գրողների միութեան

առաջին քարտուղար,

«Նոր դար» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր

 

Հեռ՝. 53-36-58

 

Յ.Գ.– Վաղը առաւօտեան ուղղաթիռով մեկնում եմ Ջաւախք, կվերադառնամ Յուլիս 7-ին:

 

*          *          *

 

Համահայկական Գրական Հիմնադրամ

 

[Երեւան, 18 Հոկտեմբեր 2007][ci]

 

Դրամարկղային մուտքի օրդերի

Անդորրագիր N 86 18 10 2007 թ.

Ստացուած է Պէպօ Սիմոնեան Լիբանան-ից

Համահայկական Գրական Հիմնադրամի գումարային օգնութիւն

$50 տոլար

Յիսուն ԱՄՆ տոլար

 

Գլխաւոր հաշուապահ՝ [անվերծանելի ստորագրութիւն]

Գանձապահ՝ [անվերծանելի ստորագրութիւն]

[Համահայկական Գրական Հիմնադրամի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐՈՂՆԵՐԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ПРАВЛЕНИЕ СОЮЗА ПИСАТЕЛЕЙ АРМЕНИИ

BOARD OF THE WRITERS’ UNION OF ARMENIA

 

Միութեան նախագահ

Председатель Правления

Chairman of the Board

 

[Երեւան, հաւանաբար 18 Հոկտեմբեր 2007][cii]

 

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐ

 

Մեծարգոյ պարոն Պէպօ Սիմոնեան,

Երախտագիտութեամբ ստացանք Ձեր $50 նուիրատուութիւնը Համահայկական գրական հիմնադրամին:

Հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհրդի եւ անձամբ իմ անունից խորին շնորհակալութիւն եմ յայտնում եւ վստահեցնում, որ գումարը կը ծառայեցուի ի շահ հայ գրականութեան զարգացման:

 

Յարգանքներով՝

[ստոր.՝ ԼԱ] Լեւոն Անանեան[ciii]

[Հայաստանի Գրողներու Միութեան հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն կլոր կնիքը, մէջտեղը՝ երկինքէն Մասիսներուն վրայ ճառագայթող, էջերը բաց գիրք]

 

0019, Երեւան, Մարշալ Բաղրամեան 3   Ереван, Маршала Баграмяна 3 Yerevan, Marshal Baghramian 3

[Tel.] 56 38 11

 

*          *          *

 

  1. Հայ Գրականութեան Բարեկամներու Միութենէն

 

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

ARMENIAN LITERARY SOCIETY – NEW YORK – INC.

114 FIRST STREET

YONKERS, N. Y. 10704                                Telephone: 914-237-5751

 

[Նիւ Եորք,] 22 Փետր[ուար] 1971[civ]

 

Յարգելի գրագէտ Պէպօ Սիմոնեան,

Հայ Գրականութեան Բարեկամներու Միութեան հիմնադրութեան 15-րդ տարեդարձին առթիւ,[cv] Վարչութիւնս ծրագրած է «Գիր ու Գիրք» պարբերականի[cvi] բացառիկ թիւ մը հրատարակել:

Այս առիթով յատկապէս կը խնդրուի, որ մասնակցիք այս հրատարակութեան՝ պարբերաթերթիս հետապնդած նպատակներուն համապատասխան գրութիւնով մը, այսինքն, հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթին վերաբերեալ նիւթերու շուրջ, ինչպէս նաեւ, Միութեանս գործունէութեան 15-ամեակի առնչութեամբ թելադրանքներու հաղորդումով:[cvii]

Փափաքելի է, որ գրութիւնները մեզի հասնին ամէնէն ուշը 1971 Յուլիս 31-ին:

Կը սպասենք Ձեր դրական պատասխանին, որուն համար հաճեցէք ընդունիլ մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնները:

 

Յարգանքներով՝

Հայ Գրականութեան Բարեկամներու

Միութեան Վարչութիւն

Վարդգէս Գրիգորեան, նախագահ

Խաչատուր Ն. Մակարեան, վարիչ քարտուղար

[Անուններուն վրայ՝ միութեան հայերէն եւ անգլերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

Յ.Գ.– Այս նամակը ղրկած ենք այն անհատներուն ու մարմիններուն, որոնց միայն հասցէները ձեռքի տակ ունինք: Կը խնդրուի ուրեմն, որ անոր բովանդակութիւնը հաճիք փոխանցել Ձեր յարմար նկատած ծանօթ անձերուն, եթէ կարելի է:

 

Խ. Ն. Մ.

 

*          *          *

 

 

  1. Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ. Մ. Մ.) տարբեր մարմիններէն

 

18/1. Հ. Մ. Մ.ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութենէն

 

Հ. Մ. Մ.                                                                                             HOMENMEN

ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱՄԱԶԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆARMENIAN ATHLETIC ASSOCIATION

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ               WESTERN UNITED STATES

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ                              EXECUTIVE COMMITTEE

 

Փասատինա, 7 Յուլիս 1990[cviii]

 

Մեծայարգ ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Լոս Անճելըսի Հայ Մարմնամարզական Միութեան Շրջանային Վարչութիւնն ու Վեթերաններու Մարմինը միասնաբար որոշած են մեծարանքի երեկոյ մը կայացնել նուիրուած Հ. Մ. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիգրան Սարաֆեանի մարզական եւ հասարակական գործունէութեան 50-ամեակին:

Այս առթիւ սիրով կը հրաւիրենք Ձեզ ներկայ գտնուելու եւ Ձեր ներկայութեամբ պատուելու վաստակաշատ գործիչը: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 30-ին, 1999, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Փասատինայի Հ. Մ. Մ.ի «Կարօ Սողանալեան» սրահին մէջ, 1060 N. Allen Ave., Pasadena:

Փափաքելի պիտի ըլլար նաեւ Ձեր ողջոյնի մէկ գրութիւնը կամ պատգամը փոխանցէիք մեզի հետեւեալ հեռապատճէնի (fax) թիւին. (626) 798-9581:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յարգանօք,

 

ի դիմաց

Հ. Մ. Մ.ի Շրջանային Վարչութեան՝

[Վ. Քէօրօղլեան]

[Հ. Մ. Մ. Փասատենա նշումներով անգլերէն կլոր կնիք` մէջտեղը Հ. Մ. Մ.ի տարբերանշանով]

 

1060 North Allen avenue – Pasadena, California 91104 – (626) 794-6966

 

*          *          *

 

18/2. Հ. Մ. Մ.ի Գալիֆորնիոյ մասնաճիւղէն

 

ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

HOMENMEN CALIFORNIA CHAPTER

 

Լոս Անճելըս, 29 Յունիս 1978[cix]

 

Սիրելի Պէպօ,

Մրցանակի արժանանալուդ լուրը «Նոր Օր»էն իմացայ: Սրտանց կը շնորհաւորեմ քեզ: Արժանի ես նման պարգեւներու: Քու անձիդ մէջէն գնահատանքը կ’երթայ նաեւ այն կազմակերպութեան, որուն անդամ ես դուն: Այդ կազմակերպութեան այստեղի անդամներն ալ ուրախացան երբ հաւաքոյթի մը ընթացքին լուրը կը հաղորդէի իրենց:

Կրթական, գրական, մշակութային եւ հասարակական կեանքիդ մէջ աւելի բեղուն գործունէութիւն կը մաղթեմ (նաեւ՝ անձնական նամակագրութիւններուդ մէջ…):

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ քեզ եւ կը փոխանցեմ ընկերական լաւագոյն բարեմաղթութիւններս քեզի եւ Ազատուհիին:

[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]

 

Յ.Գ.– Ասիկա հինգերորդ նամակն է որ կը գրեմ քեզի անցնող երկու տարուան ընթացքին: Պատասխա՞ն…:

[ստոր.՝ խզբզոց մը]

 

*          *          *

 

18/3. Հ. Մ. Մ.ի Համալսարանական Միութենէն

 

Հ. Մ. Մ.                                                         HOMENMEN

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆUNIVERSITY STUDENTS’ ASSOCIATION

Նամակատուփ թիւ 3338                            P. O. Box 3338

Պէյրութ – Լիբանան                                                Beirut – Lebanon

Հեռ. 239630                                                    Phone 239630

 

Պէյրութ, 17 Մարտ 1969[cx]

 

Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,

Հ. Մ. Մ.ի Համալսարանական Միութիւնը հաճոյքն ու պատիւը ունի պաշտօնապէս հրաւիրելու ձեզ որ բարեհաճէիք մաս կազմել Միութեանս կազմակերպած գրական մրցանքի դատական կազմին: Լիայոյս ենք որ սիրայօժար կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին եւ կը քաջալերէք մեզ եւ բոլոր մասնակցողները:

Գրութիւնները յանձնելու վերջին պայմանաժամը ըլլալով 15 Ապրիլը, անմիջապէս որ մեր տրամադրութեան տակ ունենանք զանոնք, երկրորդ նամակով մը Ձեզի կը տեղեկացնենք անհրաժեշտ մանրամասնութիւնները:

Հաճեցէ՛ք ընդունիլ մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնները:

 

Հ. Մ. Մ. Համալս. Միութեան Ատեն.

[ստոր.՝ Աս. Նորիկեան]

[Հ. Մ. Մ. Համալսարանական Միութեան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

 

  1. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տարբեր մարմիններէ

 

19/1. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Ալեք (եւ Մարի) Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամէն

 

Հ. Բ. Ը. Մ.                                                                   A. G. B. U.

ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ                                              ALEX MANOOGIAN

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ                         CULTURAL FUND

ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ                                           EXECUTIVE COMMITTEE

22001 Northwestern Highway

Southfield, Mich. 48075, U. S. A.

 

11 Յուն[ուար] 1978[cxi]

 

Սիրելի պրն. Պ. Սիմոնեան,

Հաճոյքն ունիմ իմացնելու որ Գործադիր Մարմինս իր վերջին նիստին որոշեց 40 տոլար յատկացնել Ձեր «Կանաչներու Առասպելը» հատորէն օրինակներ գնելու համար՝ ընդառաջելով Ձեր դիմումին:

Այս յատկացումին փոխարէն՝ Ձեր գիրքէն 50 օրինակ պիտի ղրկէք հետեւեալ հասցէներուն.

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Պէյրութի գրասենեակ՝                                               15 օրինակ

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Նիւ Եորքի գրասենեակ՝                                            10 օրինակ

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Տիթրոյթի գրասենեակ՝                                              20 օրինակ

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Ուոթըրթաունի գրասենեակ՝                                   5 օրինակ

 

Ներփակ՝ հասցէները եւ համապատասխան փոխգիրը:

 

Սիրով՝

Զ. Մելքոնեան

Ատենադպիր

[ստոր․՝ ԶՄելքոնեան]

 

Պէյրութ.– P. O. B. 715

Նիւ Եորք.– Mr. M. Haigentz, 628 Second Ave., New York, N. Y. 10016, U. S. A.

Տիթրոյթ.– [Հիմնադրամիս հասցէն]

Ուոթըրթաուն.– 247 Mt. Auburn St., Watertown, Ma. 02172 U. S. A.

 

*          *          *

 

Սաութֆիլտ – Ա. Մ. Ն., 10 Ապրիլ 1979[cxii]

 

Սիրելի պրն. Պ. Սիմոնեան,

Իր վերջին նիստին՝ Գործադիր Մարմինս քննեց Ձեր դիմումը՝ Ձեր նոր գիրքին տպագրութեան մասին:

Կը ցաւիմ տեղեկացնելու որ պիտի չկարենանք ընդառաջել Ձեր դիմումին: Այսուհանդերձ Գործադիր Մարմինս տրամադիր է որոշ թիւով օրինակներ գնելու Ձեր այս գիրքէն եւս՝ երբ լոյս տեսնէ ան, ինչպէս ըրած էր Ձեր նախորդ գործին առիթով:

Ձեզի կը մաղթենք նորանոր իրագործումներ:

 

Սիրով՝

Զ. Մելքոնեան

[ստոր․՝ ԶՄելքոնեան]

Ատենադպիր

 

*          *          *

 

Սաութֆիլտ – Ա. Մ. Ն., 17 Սեպտ[եմբեր] 1979[cxiii]

 

Սիրելի պրն. Պ. Սիմոնեան,

Ուրախ եմ իմացնելու որ Գործադիր Մարմինս, ընդառաջելով ձեր դիմումին, որոշեց Ձեր «Հեքիաթ Հայաստանի Մասին» գործէն գնել 100 օրինակ՝ յատկացնելով 250 տոլար: Այս գումարին մէջ է նաեւ առաքումի ծախքը: Հաճեցէ՛ք գիրքերը ղրկել հետեւեալ անձերուն.

 

1.– Պրն. Հայկ Մսըրլեան՝                                                                           50 օրինակ

  1. G. B. U.

628 Second Ave., New York, N. Y. 10016, U. S. A.

2.– Պրն. Մ. Հայկենց՝ [նոյն հասցէով]                                                       10 օրինակ

3.– Պրն. Բ. Գարթալեան[cxiv]                                                             10 օրինակ

  1. G. B. U.

589 North Larchmont Blvd.

Los Angeles, Cal. 90004, U. S. A.

4.– Պրն. Ե. Ազատեան՝                                                                               10 օրինակ

c/o Masco

21001 Van Born Rd.

Taylor, Mi. 48180, U. S. A.

5.– Պրն. Զ. Մելքոնեան՝ [այս թուղթին հասցէով]                                  20 օրինակ

 

Ներփակ՝ համապատասխան փոխգիրը:

 

Սիրով՝

Զ․ Մելքոնեան

[ստոր․՝ Զ.Մելքոնեան]

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. Մ. ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

  1. G. B. U. ALEX MANOOGIAN CULTURAL FUND

22001 Northwestern Highway, Southfield, Mich. 48075, U. S. A.

Tel. (313) 274-7400

 

[Southfield – U. S. A.,] October 26, 1979[cxv]

 

Mr. Bebo Simonian

c/o Azadouhi Kalaydjian

Beirut University College

  1. O. Box 4080

Beirut, Lebanon

 

Dear Mr. Simonian,

Mr. Azadian’s office has received ten books from you. He is out of town, so please consider this as an acknowledgment on his behalf.

 

Sincerely,

[ստոր․՝ Theresa Lemay]

Theresa Lemay

Secretary to Edmond Azadian

 

*          *          *

 

[Սաութֆիլտ – Ա. Մ. Ն.,] 5 Նոյեմբեր 1980[cxvi]

 

Յարգելի Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ, Լիբանան.

Սիրելի Պէպօ,

Շնորհակալութեամբ ստացայ մտերմական շունչով գրուած նամակդ, որ լեցուն էր նաեւ շինիչ ու բարեկամական թելադրութիւններով: Հոգ մի՛ ըներ. չեմ նեղուիր քննադատութիւններէ, ո՛ւր մնաց որ քու ըրածդ բարեկամական թելադրութեանց սահմանին մէջ կը մնայ տակաւին:

Հանրային գործի մէջ մարդ աչք առած կ’ըլլայ քննադատութիւններ դիմակալելը – արդարացի եւ անարդար – ինչպէս նաեւ իր կեանքը գրաւի դնելը, բան մը որ ես ըրած եմ մանաւանդ խմբագրութեան օրերուս:

Իմ կարգիս, ես ալ հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով կը հետեւիմ քու գրական ու կրթական աշխատանքներուդ:

Վերջերս, բաւական դժուարութեամբ 10.000 տոլար մը փրցուցի պր. Լեւոն Մկրտիչեանէն Ձեր դպրոցին համար եւ Նիւ Եորքի Բարեգործականին միջոցաւ ղրկեցի Ձեզի: Բարերարը շատ անհամբեր մարդ է, ամէն օր կը հեռաձայնէ՝ գանգատելու համար որ ընկալագիր մը չէ ստացած Ձեզմէ. խնդրեմ, այդպիսի պարագաներուն եթէ Ձեր պատասխանը փութացնէք՝ գործս դիւրացուցած կ’ըլլաք յաջորդ փորձին համար:

Թէօլէօլեանի գիրքին մասին յարուցուած աղմուկը աւելի կանուխ կ’ակնկալէինք:[cxvii] Զարմանալի է որ քանի մը տարիով ուշացաւ: Անմիջապէս ըսեմ որ գուշակութիւնդ ճիշդ էր. ուզեցինք ծայրայեղ պարագայով մը պարզած ըլլալ մեր անաչառութեան սկզբունքը: Գիրքը առանց կարդալու տպած ըլլալու մեղադրանքը աժան ամբաստանութիւն մըն է, որուն դիտաւորութիւնը իբրեւ թէ մեզ վիրաւորել է:

Բոլոր անոնք որոնք իսկապէս նախանձախնդիր են Հայրենիքի վարկին եւ հայ գրականութեան պահպանման՝ Մշակութային Հիմնադրամի կոթողային գործերուն դիմաց ազնուութիւնը չեն ունեցած գրիչը առնելով գնահատանքի խօսք մը ըսելու, եւ այսպիսի առիթով մը յանկարծ կը յիշեն իրենց հայրենասիրութիւնը եւ հայ գրականութիւնը պաշտպանելու իրենց երկնատո՜ւր կոչումը, եւ նիզակը առած՝ կը հարուածեն աջ ու ահեակ:

Տասներկու տարուան մէջ մեր հրատարակած գիրքերը, մտաւորականներուն տուած օժանդակութիւնը, կազմակերպած համագումարները, Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին, սիմֆոնիք նուագախումբին, Քոմփոզիթորներու Միութեան, Էջմիածնին կատարած կենսական օժանդակութիւնները որեւէ ատեն գնահատանքի կամ նոյնիսկ ճանաչման չեն արժանացած այսօրուան մեր քննադատներուն կողմէ, որոնք Մինաս Թէօլէօլեանի հանդէպ իրենց ունեցած վաղեմի ոխերէն մտրակուած, կը հարուածեն նաեւ մեզ: Եթէ անոնք պարկեշտութիւնը ունեցած ըլլային գնահատելու մեր կատարած հայրենասիրական հսկայ գործը եւ հայ գրողին ու մտաւորականին ընծայած մեր պաշտպանութիւնը՝ գոնէ լսուելու արժանի կը դառնար իրենց այսօրուան քննադատութիւնը:

Դժբախտաբար, իմ հանգամանքս չի ներեր հրապարակ իջնելով բանավէճի մտնելու, մանաւանդ, որ կատարուած քննադատութիւններուն մէկ մասն ալ արդէն քննութեան չի դիմանար:

Ասիկա չի նշանակեր թէ Հիմնադրամի[ն] վարչութիւնը կամ ես անձամբ համաձայն ենք Թէօլէօլեանի գիրքին ամբողջական բովանդակութեան: Կը կարծեմ որ մտաւորական բարձունքի մը վրայ գտնուող ոեւէ անհատի համար հասկնալի պիտի ըլլայ՝ մէկու մը համակարծիք չըլլալով հանդերձ անոր գաղափարները հանդուրժելն ու վաստակը ճանչնալը:

Մինաս Թէօլէօլեանին հետ ես ալ բանակռիւներ ունեցած եմ խմբագրութեանս օրերուն: Սակայն պէ՞տք է որ իմ տարակարծութիւններս շալկած մտնեմ գրական դատումի բնագաւառէն ներս, կամ Մշակ. Հիմնադրամի ատենապետի հանգամանքին մէջ:

Գրական մրցանքին ակնարկելով հարց կու տաս, թէ այսօր ի՞նչ կ’արժէ 1000 տոլարի մրցանակ մը: Ամերիկայի մէջ ամէնէն յարգելի ու համբաւ ունեցող մրցանակներ յաճախ այդ գումարին կէսը կու տան իբրեւ պարգեւ: Իսկ մեր մրցանքին պարագային, առաջին մրցանակի արժանացողը ստանալիք գումարէն անդին պիտի գոհունակութիւնը ունենայ իր գիրքը տպուած տեսնելու, ինչ որ յաւելուածական 4-5.000 տոլար կը նշանակէ: Կարծեմ մենք, հայերս, դեռ քիչ մը ճամբայ պէտք է կտրենք Նոպէլեան մրցանակի պարգեւները տալու մեր գրողներուն:

Առ ի տեղեկութիւն հաղորդեմ, որ յառաջիկայ Մայիսին կամ Յունիսին ամերիկահայ գրողներու համագումար մը պիտի կազմակերպենք Տիթրոյթի մէջ: Արդէն ցանկի վրայ են 65 գրողներ, գրականագէտներ եւ խմբագիրներ:

Հետաքրքիր եմ տեսնելու, թէ մեր այսօրուան քննադատները ինչպիսի՛ գնահատանք մը պիտի վերապահեն այդ աննախընթաց ձեռնարկին:

Քեզի եւ Ազատուհիին մաղթելով յաջողութիւն, կը մնամ,

 

Սիրով՝

[ստոր․՝ Էտմոն]

Երուանդ Ազատեան

Ատենապետ

 

*          *          *

 

[Սաութֆիլտ – Ա. Մ. Ն.,] 27 Յունուար 1981[cxviii]

 

Սիրելի պրն. Պ. Սիմոնեան,

Ուրախ եմ իմացնելու որ իր վերջին նիստին՝ Գործադիր Մարմինս որոշեց 300 տոլար յատկացնել ձեր «Ծուէն Ծուէն Երիզներ» հատորէն օրինակներ գնելու:

Ներփակ՝ համապատասխան փոխգիրը:

Հաճեցէ՛ք այս գումարին փոխարէն 10 օրինակ տրամադրել Պէյրութի Հ. Բ. Ը. Մ.ի գրասենակին, 2 օրինակ ղրկել մեզի, իսկ մնացեալ 13 օրինակները մեր կողմէ նուիրել ձեր յարմար նկատած հաստատութիւններուն:

Ձեր աշխատանքներուն կը մաղթենք յաջողութիւն:

 

Սիրով՝

Զ. Մելքոնեան

Ատենադպիր

[ստոր․՝ ԶՄելքոնեան]

 

*          *          *

 

March 2, 1982[cxix]

 

Mrs. Azadouhie Simonian

Beirut University College

  1. O. 13-5053

Beirut, Lebanon

 

Dear Mrs. Simonian:

I am embarrassed that I am not able to respond to your kind and elaborate letters. I hope you understand my predicament.

I just received Bebo’s indepth article about our anthology. I will try to have it reproduced in the American-Armenian press.

You will be pleased to learn that recently I took Mr. Mugerdichian[cxx] out to lunch, and I was able to convince him to go to the bank with me and withdraw a check for $7,000 for your school.

I have already forwarded the check to the A. G. B. U. headquarters in New York to be sent to Beirut.

A prompt acknowledgement and a receipt will make my task easier next time.

Please send me copies of all correspondence to Mr. Mugerdichian, because he has a tendency of losing the acknowledgments and receipts and complaining about them.

With warm regards, I remain

 

Sincerely yours,

[ստոր․՝ Էտմոն]

Edmond Y. Azadian

Chairman

 

  1. S. For all your correspondence, please use my office address which is:

 

Edmond Y. Azadian

Masco Corporation

21001 Van Born Road

Taylor, Michigan 48180

 

Յ. Գ. Բարեւներ ու շնորհակալութիւն Պէպոյին:

Կը ներէք նամակս անգլերէն գրելուս:

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. Մ. ԱԼԵՔ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

  1. G. B. U. ALEX MANOOGIAN CULTURAL FUND

21001Van Born Road, Taylor, Michigan 48780, U. S. A.

Telephone (313) 274-7400

 

[Թեյլոր,] 9 Օգոստոս 1991[cxxi]

 

Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ, Լիբանան.

Սիրելի պր. Սիմոնեան,

Ատենին գոհունակութեամբ ստացած եմ Ձեր քերթողական վերջին հատորը, «Ծառին Ճիչը» խորագրով: Յիշեալ հատորը ներկայացուցի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Յանձնախումբիս վերջին ժողովի քննութեան: Ուրախ եմ յայտնելու թէ Յանձնախումբիս բոլոր անդամները մեծապէս կը գնահատեն Ձեր մտաւորական վաստակը՝ Ձեր կրթական տարապարհակ առօրեային կողքին:

Ներփակ Ձեր անունով կը ղրկենք 500 ամերիկեան տոլարի փոխգիր մը, որուն դիմաց կը խնդրենք որ Հիմնադրամիս անունով համապատասխան թիւով հատորներ ղրկուին լիբանանահայ վարժարաններուն:

 

Ձեր գործունէութեան մաղթելով կատարեալ յաջողութիւն, կը մնամ

յարգանօք՝

[ստոր․՝ Երուանդ Ազատեան]

Երուանդ Ազատեան

Ատենապետ

 

*          *          *

 

[Թեյլոր,] 7 Մարտ 1992[cxxii]

 

Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ, Լիբանան.

Սիրելի պր. Սիմոնեան,

Յանուն Հ. Բ. Ը. Միութեան Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, կու գանք ջերմօրէն ողջունել հրատարակութիւնը «Ծառին Ճիչը» Ձեր բանաստեղծութիւններու նոր հատորին, որմէ օրինակ մը ղրկած էիք մեզի ազնուաբար:

Սփիւռքի դժուարին պայմաններուն ներքեւ հայ գրականութեան ու մշակոյթին նուիրուիլը ճշմարիտ հերոսութիւն մը պէտք է նկատել: Դուք կը գտնուիք շարքին այդ արժանաւորներուն, որոնք սրբազան խենթութեամբ կը շարունակեն հայ գրականութեան պաշտամունքին նուիրուած մեր աւանդութիւնը:

Ձեզի մաղթելով յաջողութիւն եւ շարունակական կորով, կը մնանք,

 

Լաւագոյն զգացումներով՝

[ստոր․՝ Երուանդ Ազատեան]

Երուանդ Ազատեան

Ատենապետ

 

*          *          *

 

A.G.B.U. Alex & Marie Manoogian Cultural Fund

. Բ. Ը. Մ. Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամ

21001 Van Born Road, Taylor, Michigan 48780, U. S. A. Telephone (313) 374-6375

Facsimile (313) 374-6175

[Թեյլոր,] 28 Մարտ 1995[cxxiii]

 

Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ, Լիբանան.

Սիրելի գրագէտ բարեկամ,

Նախ թոյլ տուէք շնորհաւորել Ձեր վերջին գիրքին հրատարակութիւնը: Իսկապէս հիանալի է որ հակառակ Ձեր կրթական ծանր պատասխանատուութեանց, կը շարունակէք Ձեր ստեղծագործական աշխատանքները:

Ներփակ կը գտնէք 300 տոլարի փոխգիր մը: Հաճեցէ՛ք անոր համապատասխան թիւով հատորներ ղրկել լիբանանեան վարժարաններուն՝ յանուն մեր հիմնադրամին:

Ձեզի մաղթելով ստեղծագործական կորով, կը մնամ

 

Լաւագոյն զգացումներով՝

[ստոր․՝ Երուանդ Ազատեան]

Երուանդ Ազատեան

Ատենապետ

 

*          *          *

 

19/2. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Ա. Մ. Ն.ի Արեւմտեան Շրջանէն

 

Armenian General Benevolent Union of America, Inc./Western District

589 North Larchmont Boulevard, Los Angeles, California 900004, Telephone (213) 467-2428

 

ԱՇ-ԼԱ-10, 334                                              [Լոս Անճելոս,] 26 Հոկտեմբեր 1979[cxxiv]

 

Պր. Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ, Լիբանան.

Սիրելի տիար Սիմոնեան,

Այսօրուան թղթատարով շնորհակալութեամբ ստացանք 10 օրինակ Ձեր «Հեքիաթ Հայաստանի Մասին» գրքոյկէն, հրատարակուած մանուկներու միջազգային տարուան առթիւ եւ Ձեր կողմէ նուիրուած «Հայ մանուկներուն… եւ չափահաս մանուկներուն, որոնք զրկուած են իրենց հայրենիքներուն մէջ ապրելու բաղդաւորութենէն:»

Շնորհակալութիւն եւ սրտագին շնորհակալութիւններ Ձեր այս շնորհակալ գործին համար զոր պիտի լաւ գործածութեան դնենք:

Նորանոր յաջողութեանց լաւագոյն մաղթանօք՝

 

Բարսեղ Գարթալեան

[ստոր․՝ ԲԳարթալեան]

Տնօրէն Արեւմտեան Շրջանի

 

*          *          *

 

19/3. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Ա. Մ. Ն.ի Միջին Արեւմուտքի Շրջանակային Յանձնաժողովէն

 

ARMENIAN GENERAL BENEVOLENT UNION IF AMERICA, INC․

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Midwest District

22001 Northwestern Highway

Southfield, Michigan 48075

 

October 28, 1981[cxxv]

 

Dear Mr. and Mrs. Simonian:

The A. G. B. U. Midwest District Committee has the pleasure to invite you to a testimonial dinner sponsored by the A. G. B. U. Alex Manoogian Cultural Fund and organized by our Detroit Men’s Chapter, to honor Mr. Levon Mugurdichian on the occasion of his 100th birthday, in appreciation of the services rendered by him to our Union, and the generous donations made by him towards our educational projects.

The testimonial will take place on Tuesday, November 17, 1981, at 7:30 P. M. sharp, at St. John’s Armenian Cultural Hall. An artistic program will follow the dinner.

Please call us before November 12, at 569-3401 (A. G. B. U. Office) or 255-5530 (Edward Korkoian) for your reservation(s).

We thank you in advance for your cooperation and wish to have you join us to honor a generous and faithful member of our organization.

 

Yours,

[ստոր․՝ Martin Apkarian]

Martin Apkarian

District President

[ստոր․՝ EdwardBKorkoian]

Edward Korkoian

President, Men’s Chapter

 

Gifts to this organization are deductible for income, gift, and estate tax purposes.

 

*          *          *

 

19/4 Հ Բ Ը Մի Գանատայի Շրջանէն

 

Armenian General Benevolent Union of Canada Inc. Toronto, Ontario

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

30 Progress Court, Scarborough, Ont. M1G 3T5 (416) 431-2428

 

Թորոնթօ, 11 Յունիս 1986[cxxvi]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ, Լիբանան.

Սիրելի պրն. Սիմոնեան,

Շնորհակալութեամբ ստացանք օրինակ մը ձեր վերջերս հրատարակուած հատորէն՝ «Մայրերու Արմատները»:

Շնորհիւ Ձեզի եւ Ձեզ[ի] նման ազգայիններուն, կարելիութիւնը ունինք հարստացնելու մեր գրադարանը:

 

Յաջողութեան եւ արեւշատութեան լաւագոյն մաղթանքներով,

Սալբի Տէր Ղազարեան

[ստոր․՝ Salpi]

Վասն

Գրադարանի Յանձնախումբի

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի

 

Gifts to this organization are deductible for income, gift, and estate tax purposes.

 

*          *          *

 

19/5. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Երկրորդական Վարժարանէն

 

Հ. Բ. Ը. Մ.Ի ԴԱՐՈՒՀԻ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՂՋԿԱՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

  1. G. B. U. TAROUHY HAGOPIAN SECONDARY SCHOOL FOR GIRLS

Tel.: 481319 – P. O. Box 715, Beirut (Lebanon)

 

Պէյրութ, 5 Ապրիլ 1982[cxxvii]

 

Մեծայարգ տիար Պ. Սիմոնեան,

Սոյն գրութեամբ կու գանք Ձեզի տեղեկացնելու թէ «Ուսուցիչներու Օրուան» առթիւ մեր կազմակերպած Հայ Գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքը կայացաւ Մարտ 14-18[-ին] եւ արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն մը:

Վստահ ենք թէ որպէս հայ մշակոյթին իր դրական ներդրումը բերող անձ՝ Դուք եւս բաժնեկից կ’ըլլաք մեր ուրախութեան՝ ի տես Հայ Գիրքի տարածման:

Այս առթիւ ընդունեցէք մեր սրտագին շնորհակալութիւնները Ձեր մասնակցութեան համար որ մեծապէս նպաստեց մեր ձեռնարկին յաջողութեան:

Յուսալով որ յառաջիկային եւս կ’ունենանք Ձեր գործակցութիւնը, Ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն եւ անսպառ կորով՝ մտաւորական Ձեր աշխատանքին մէջ:

 

Յարգանքներով՝

[ստոր․՝ Ա․ Ճանճանեան]

Ա. Ճանճանեան[cxxviii]

Տնօրէնուհի

[Դարուհի Յակոբեան Վարժարանի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. Մ.ի ԴԱՐՈՒՀԻ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

  1. G. B. U. TAROUHY HAGOPIAN SECONDARY SCHOOL FOR GIRLS

Tel.: 282864 – P. O. Box 715, Beirut (Lebanon)

 

[Պէյրութ, հաւանաբար 1980-ականներու ա․ կէս][cxxix]

 

Յարգելի պ. Պէպօ Սիմոնեան,

Մարտի երկրորդ շաբաթը Լիբանանի Կրթ. Նախարարութեան կողմէ յայտարարուած է «Ուսուցիչներու Օր» եւ այդ առթիւ Լիբանանի բոլոր կրթական հաստատութիւններն ու պատասխանատու մարմինները իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցանեն կրթական մշակներուն:

Վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբը յարմար նկատեց[ին] «Ուսուցիչներու Օր»ը նշել հայ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքով մը, հաւատալով թէ հայ գիրքին նուիրուած մեծարանքը ինքնաբերաբար կ’ուղղուէր նաեւ հայ կրթական Մշակին:

Ծրագրած ենք ցուցահանդէսին բացումը կատարել Կիրակի, 14 Մարտին, գեղարուեստական յայտագրով մը եւ բաց պահել մինչեւ Չորեքշաբթի, 17 Մարտ:

Որպէս հայ հեղինակի՝ Ձեր գիրքերը եւս պիտի փափաքէինք ցուցադրուած տեսնել սոյն ձեռնարկին ընթացքին եւ մեր գործնական մասնակցութիւնը բերել անոնց վաճառքին ու տարածման:

Պիտի խնդրէինք որ յաւելեալ մանրամասնութիւններու կամ կարգադրութիւններու համար կապ հաստատէիք տնօրէնութեան հետ (Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան, հեռաձայն՝ 481319) ամենաուշը մինչեւ Մարտ 1:

 

Շնորհակալութեամբ՝

Ծնողական Օժանդակ Յանձնախումբ

Ատենադպիր՝                       Ատենապետ՝                                    Տնօրէնուհի՝

[ստոր․՝ Մ. Թերզեան]        [ստոր․՝ Ա. Աւետիքեան]              [ստոր․՝ Ա. Ճանճանեան]

[Դարուհի Յակոբեան Վարժարանի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

Յարգելի Պրն․ Պ․ Սիմոնեան,

Աճապարանքի պատճառով (ինչ որ ներելի չէ) հրատարակչատուն ղրկուելիք խնդրագիրը ղրկեր եմ Ձեզի։ Օրդ․ Պաքալեանը շատ կ’աճապարէր, ինծի համար ալ իր միջոցով ղրկելը ձեռնտու էր։

Կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուիք։

 

Յարգանքներով՝

[ստոր․՝ Ա․ Ճանճանեան]

 

*          *          *

 

19/6. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Դարուհի Յակոբեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութենէն

 

Հ. Բ. Ը. Մ.

Դարուհի Յակոբեան

Շրջանաւարտից Միութիւն

Պէյրութ

 

Պէյրութ, 5 Մարտ 1971[cxxx]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Գալայճեան,

Աստ.

Ուսուցիչներու տօնին առիթով, Հ. Բ. Ը. Մ.ի Դարուհի Յակոբեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութիւնը կազմակերպած է յարգանքի հանդէս մը՝ Բարեգործականի վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներուն ի պատիւ:

Արդ, ամենադոյզն չափով կարենալ գնահատելու[cxxxi] համար Ձեր տասը եւ աւելի տարիներու անսակարկ ծառայութիւնն ու անսահման նուիրումը՝ Միութեան կրթական յարկերէն ներս, Վարչութիւնս հաճոյքով որոշեց փոքր յուշանուէր մը յանձնել Ձեզի՝ սոյն հանդիսութեան ընթացքին:

Սրտանց պիտի փափաքէինք, որ անձամբ ներկայ ըլլայիք կազմակերպուած այս հանդէսին՝ ստանալու համար Ձեր յուշանուէրը:

 

Խորին յարգանքներով՝

Դարուհի Յակոբեանի Շրջ. Միութեան

Վարչութիւն

[Դարուհի Յակոբեան Շրջանաւարտից Միութեան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

19/7. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութենէն

 

Հ. Բ. Ը. Մ. – ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ANTRANIK YOUTH ASSOCIATION

 

Պէյրութ, 13 Յունիս 1977[cxxxii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Հ. Ե. Ը.ի Համալսարանական Ուսանողաց Միութիւնը կազմակերպած է հարցազրոյց մը՝ գլխաւոր մտահոգութիւն ունենալով արծարծել հայ երիտասարդութեան՝ ազգային կեանքէն ներս ընդգրկումին եւ կողմնորոշումին կապուած հարցեր:

Հարցազրոյցը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 17 Յունիս 1977, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հ. Ե. Ը.ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին մէջ:

Նկատի ունենալով երիտասարդութեան նկատմամբ Ձեր անկեղծ հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային կեանքին Ձեր գնահատելի ներդրումները, կը հրաւիրենք Ձեզ մասնակցելու սոյն հարցազրոյցին, որուն համար ճշդած ենք հետեւեալ հարցումները:

Ա.– Գործադրական առումով ինչպէ՞ս կը սահմանէք ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ըմբռնումները:

– Ի՞նչ ազդակներ կ’որոշեն անոնց կազմաւորումը երիտասարդութեան մօտ:

– Այս ուղղութեամբ ո՞րքանով ճիշդ կազմաւորումի պայմաններ ապահովուած են լիբանանահայ երիտասարդութեան համար:

– Առաջադրանքներ ունի՞ք:

Բ.– Հայ իրականութենէն ներս հայապահպանումի եւ Հայ Դատի հետապնդումի գիծով, աշխատանքի ի՞նչ կարելիութիւններ կան երիտասարդութեան համար:

– Երիտասարդութիւնը ի՞նչ ձեւով ինքզինք կրնայ ամրապնդել ձուլումի վտանգին դէմ:

– Մասնաւորելով լիբանանահայութեան պարագան, տագնապը ժխտական կամ դրական ի՞նչ անդրադարձներ ունեցաւ երիտասարդութեան համար:

– Լիբանանի ներկայ իրականութեան լոյսին տակ, քաղաքացիական եւ ազգային ի՞նչ պարտաւորութիւններ կը ներկայանան երիտասարդութեան:

Գ.– Վերոյիշեալ իրականութիւններու լոյսին տակ, ի՞նչ է Ձեր կեցուածքը ասպարէզի ընտրութեան հարցին նկատմամբ: Ներկայիս, նիւթական մտահոգութիւններու պարտադրանքով երիտասարդութիւնը գլխաւորաբար կը ներգրաւուի տնտեսագիտական-վաճառականական ասպարէզներու մէջ, որոնք ամբողջութեամբ կը կլանեն անոր ժամանակը, յաճախ նաեւ պարտադրելով անոր հեռացումը գաղութէն:

– Հայ երիտասարդը ի՞նչ նկատառումներէ պէտք է մեկնի ճշդելու համար իր կեանքի ասպարէզը:

– Գործնականօրէն կարելի՞ է ազգային մտահոգութիւններով նախապատւութիւն տալ որոշ մասնագիտութիւններու:

– Իրապաշտ ըլլալու համար ի՞նչ լուծումներ կ’առաջարկէք:

Համոզուած ենք, որ անկեղծ եւ գործնական մտահոգութիւններով ներկայացուած Ձեր կարծիքները պիտի յաջողին օգտակար ձեռնարկի մը վերածել մեր հարցազրոյցը:

Կանխայայտ շնորհակալութիւններով,

 

Յարգանօք՝

Հ. Ե. Ը.ի Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան

Վարչութիւն

[Հ. Ե. Ը.ի Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

Հ. Բ. Ը. Մ.Հ. Ե. Ը.                              ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ

                                                          ՈՒՍԱՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

ԼԻԲԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

ԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ

ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ

Հարցազրոյցին կը մասնակցին՝

ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ, ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ,

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ ԵՒ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Տեղի կ’ունենայ ուրբաթ, 17 յունիս 1977, երեկոյեան

ժամը 6-ին, Հ. Ե. Ը.ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին մէջ:

 

Պէպօ Սիմոնեանի արխիւին մէջ պահպանուած է թերթէ կտրուած ազդ մը[cxxxiii]

 

 

 

 

 

 

 

*          *          *

 

 

 

*          *          *

 

Թիւ 1001-Յ64-Ա.

Պէյրութ, 28 Փետրուար 1980[cxxxiv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի տիար,

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի Պատանեկան Վարչութիւնը ծրագրած է հարցազրոյց մը հայկական վարժարաններու տնօրէններու հետ, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 28 Մարտ 1980-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին մէջ: Այս հարցազրոյցը կը ձգտի համախմբել լիբանանահայ իրականութեան տարբեր հատուածներու տնօրէններու ներկայացուցչական մարմին մը, նպատակ ունենալով հանրութեան ծանօթացնել մեր վարժարաններու առօրեան, ներկայ պայմաններու լոյսին տակ:

Հարցազրոյցին մասնակցելու հրաւիրուած են Հայր Վարդան Աշգարեան[cxxxv] եւ Տեարք Զաւէն Մսըրլեան, Պէպօ Սիմոնեան, Մեթր Լեւոն Նահապետեան[cxxxvi] եւ Արա Թոփճեան:

Հարցազրոյցը պիտի կատարուի կարճ հարցում-պատասխաններու ձեւով եւ գլխաւորաբար պիտի քննարկէ լիբանանեան ներկայ իրականութեան լոյսին տակ հայ վարժարաններու առօրեան, աշակերտ-ծնողք-ուսուցիչ-տնօրէն փոխյարաբերութիւնները, աշակերտի առօրեան, դպրոցի[ն] դժուարութիւնները, կարելիութիւնները եւ ակնկալութիւնները:

Համոզուած, որ հանրութիւնը իր կարեւոր դերը ունի կատարելիք դաստիարակութեան գործին մէջ, կը յուսանք, որ այս հարցազրոյցը հետաքրքրութիւն ստեղծելու գիծով կրնայ բարերար դեր կատարել: Առ այդ, ջերմօրէն կը փափաքինք, որ ընդառաջէք մեր հրաւէրին եւ բերէք Ձեր մասնակցութիւնը:

 

Խորին յարգանքներով՝

[ստոր․՝ ԱՀամալեան]

Ա. Համալեան[cxxxvii]

Վարիչ-քարտուղար

[Հ․ Ե․ Ը․ի Կեդրոնական Վարչութեան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. Մ. – Հ. Ե․ Ը․ ԱՆԴՐԱՆԻԿ-ՍԵՒԱՆ

ASSOCIATION DE LA JEUNESSE ANTRANIK

 

Պէյրութ, 20 Սեպտեմբեր [19]94[cxxxviii]

 

Մեծայարգ պրն. Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Վարժարանի,

Հ. Ե. Ը.ի Անդրանիկ-Սեւան ակումբի Մշակութային Վարչութիւնը կազմակերպած է Կլոր Սեղան մը տնօրէն եւ ծնողք երկու բեւեռներու միջեւ քննարկելու համար լիբանանահայ վարժարաններու ընթացիկ դժուարութիւններն ու հոգերը: Ձեռնարկը նախատեսուած է որ տեղի ունենայ Հոկտեմբեր 19-ին, Չորեքշաբթի օր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հ. Ե. Ը.ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնին մէջ:

Կլոր սեղանին մասնակցութեան համար, նկատի առած ենք 6 միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու տնօրէններ:

Ուսուցիչ եւ տնօրէն դժուարին ասպարէզի մէջ Ձեր վաստակը նկատի ունենալով, սոյն գրութեամբ Վարչութիւնս ուրախութեամբ կը դիմէ Ձեզի որպէսզի Ձեր մասնակցութեամբ եւ Ձեր տարիներու փորձառութեամբ նպաստէք մեր ձեռնարկի յաջողութեան՝ ներկայացնելով լիբանանահայ դպրոցի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու ակնկալիքները:

Լիայոյս ենք որ Ձեր դրական պատասխանով կը պատուէք մեզ:

Ազգապահպանման նուիրական գործին մէջ Ձեզի մաղթելով յարատեւ կորով եւ արեւշատութիւն,

ի դիմաց

Հ. Ե. Ը.ի Անդրանիկ-Սեւան ակումբի

Մշակութային Վարչութեան՝

Ատենադպրուհի՝                 Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Յ․ Էլմայեան][ստոր․՝ Լ․ Բարսեղեան]

Յ. Էլմայեան              Լ. Բարսեղեան

[Հ․ Բ․ Ը․ Մ․-Հ․ Ե․ Ը․ Անդրանիկ-Սեւանի Գործադիր Մարմինի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 6 Դեկտեմբեր 1997[cxxxix]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի տիար,

Հ. Ե. Ը.ի Մշակութային Մարմինը այսու կու գայ յայտնելու իր խորին շնորհակալութիւնը Ձեր ընդառաջումին եւ մասնակցութեան Լեւոն Վարդանի վաստակին նուիրուած «Յարգանքի Երեկոյ»ին:

Ձեր բանիմաց խօսքը լաւագոյնս բնութագրեց Լեւոն Վարդանի վաստակը եւ առաւել եւս իմաստաւորեց երեկոն եւ շեշտեց Լեւոն Վարդանի[ն] մատուց[ու]ած յարգանքը:

Ձեզի կը մաղթենք մշտական կորով՝ շարունակելու Ձեր մտաւորականի առաքելութիւնը:

 

Յարգանքներով,

ի դիմաց

Հ. Ե. Ը.ի Մշակութային Մարմինի՝

Ատենադպրուհի՝                             Ատենապետուհի՝

[ստոր․՝ Վ․ Աբրահամեան]                                   [ստոր․՝ Ս․ Զաւզաւաթճեան]

Վ. Աբրահամեան[cxl]                          Ս. Զաւզաւաթճեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Հ․ Ե․ Ը․ Պէյրութի արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

19/8. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երիտասարդաց Լիկայէն – Պուէնոս Այրես

 

LIGA DE JOVENES

ACEVEDO 1322

 

Պուէնոս Այրէս, Մարտ 1969[cxli]

 

Մեծայարգ տիար,

Ներկայիւս կու գանք Ձեր բարձր մասնակցութիւնը խնդրել Հ. Բ. Ը. Միութեան Երիտասարդաց Լիկայի կողմէ կազմակերպուած վերջին 15 (տասնըհինգ) տարուայ հայ հրատարակութիւններով գիրքերու ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուայ Սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին, Միութեանս հանդիսասրահին մէջ:

Այս առթիւ կը խնդրուի Յուլիս 31-էն առաջ մէկ-մէկ օրինակ ուղարկել[cxlii] Ձեր հեղինակութիւններէն ստեղծագործական նկարագրով, այսինքն պատմուածք, թատրոն, բանաստեղծութիւն, պատմավէպեր, եւլն.:

Նկատելով որ մեր այս ազգանուէր ջանքերը անարձագանգ չմնան, այժմէն կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել զՁեզ:

 

Յարգանօք,

ի դիմաց Հ. Բ. Ը. Միութեան Հայ Գիրքերու Ցուցահանդէսի Յանձնախումբի՝

[ստոր․՝ ԴՅԵուսէֆեան]                             [ստոր․՝ ՌՎՔեշիշեան]

Դանիէլ Յ. Եուսէֆեան                               Ռուբէն Վ. Քեշիշեան

Ատենադպիր                                                           Ատենապետ

 

*

 

Sr. Bebo Simonian[cxliii]

La Comisión Directiva de Liga de Jóvenes de la Unión General Armenia de Beneficencia, tiene el agrado de invitar a Ud. a la Cena que, con el auspicio de Su Eminencia Arzobispo Papkén Abadian, se realizará en el Salón Sarkis Benklian de la Institución, sita en Acevedo 1322, el sábado 31 de Octubre de 1970, a las 21, con motivo de celebrar el 30º Aniversario de su fundación.

INVITACION PERSONAL

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Երիտասարդաց Լիկան պատիւն ունի իր հիմնարկութեան 30-րդ տարեդարձի հանդիսութեան առիթով, Ձեզ հրաւիրելու ընթրիք-հաւաքոյթին՝ հովանաւորութեամբ Հարաւ. Ամերիկայի Կաթողիկոսական Պատուիրակ Բաբգէն Արքեպս. Ապատեանի, որ տեղի կ’ունենայ 31 Հոկտ. 1970, շաբաթ գիշեր ժամը 21-ին, միութեանս Սարգիս Պէնկլեան սրահին մէջ:

 

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀՐԱՒԻՐԱԳԻՐ

[ստորագրութիւն կամ կնիք կը բացակային]

 

*          *          *

 

19/9. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկէն

 

Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ-ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՀԻՒՍԻՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ

  1. G. B. U. HOVAGIMIAN-MANOUGIAN SECONDARY SCHOOL

YERVANT HUSSISSIAN INSTITUTE FRO ARMENIAN STUDIES –

  1. O. Box 11-715, Beirut, Lebanon

 

Պէյրութ, 9 Դեկտեմբեր 1988[cxliv]

 

Հ. Բ. Ը. Միութեան Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկը այս տարի կը գործէ նոր տեսչութեան մը գլխաւորութեամբ՝ յանձին պրն. Պարոյր Աղպաշեանի:

Հիմնարկը իր դասընթացքներուն կողքին, պիտի դառնայ գիտա-հետազօտական կեդրոն մը, մշակութային կապերու վայր մը եւ առհասարակ բանասիրական կառոյց մը՝ կազմակերպելով հրապարակային զուտ մասնագիտական խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ ու սեմինարներ:

Այս բոլորին զուգահեռ ծրագրուած է հրատարակել բանասիրական բնոյթով տարեգիրք մը, որուն հիմնական նպաստը ըլլայ գիտական չափանիշերով ու մակարդակով տեղ տալ պատմագիտական, գրականագիտական, լեզուագիտական, փիլիսոփայական եւ յարակից այլ ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու:

Արդ, Տեսչութեանս ջերմ փափաքն է, որ Ձեր գործօն[cxlv] մասնակցութիւնը բերէք այս ձեռնարկին՝ Ձեր մասնագիտութեամբ ուսումնասիրութիւն մը ղրկելով մեզի (հայերէն կամ այլալեզու)՝ առ ի հրատարակութիւն:

Առաքուելիք ուսումնասիրութիւնները (նախընտրաբար մեքենագիր), անհրաժեշտ է որ մեզի հասնին ամէնէն ուշը մինչեւ Մարտի վերջ, վերոյիշեալ հասցէին, կամ ձեռքէ՝ ուղղակի Տեսչութեան, եւ կամ փոստարկղ թիւ 55433-ին, Սին էլ-Ֆիլ, Լիպան, հեռաձայնի թիւ՝ 490765 կամ 484095:

Լիայոյս թէ՝ կ’ընդառաջէք մեր փափաքին եւ ատենին կ’ուղարկէք ուսումնասիրութիւն մը, Ձեզի կը մաղթենք լաւագոյն յաջողութիւններ:

 

Յարգանքներով՝

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի տեսուչ

[ստորագրութիւն]

Պարոյր Աղպաշեան

[Ե․ Հ․ Հ․ Հ․ի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

Պէյրութ, 5 Մարտ 1993[cxlvi]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

«Ուսուցիչներու Օր»ուան առթիւ Հ. Բ. Ը Մ.ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկը կու գայ Ձեզի մաղթելու առողջութիւն եւ մեր նոր սերունդի դաստիարակութեան վսեմ կոչումին մէջ նորանոր յաջողութիւններ:

 

Յարգանօք,

ի դիմաց Հ. Բ. Ը. Մ. Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի Տեսչութեան

եւ դասախօսական կազմին՝

Փրոֆ. Ռուբէն Սաքապետոյեան[cxlvii]

[ստորագրութիւն՝ ՌՍեան]

[Ե․ Հ․ Հ․ Հ․ի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. Միութեան Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկ

 

Պէյրութ, 2 Նոյեմբեր 1993[cxlviii]

 

Ժողովի Հրաւէր

 

Այսու հաճոյքով կու գանք հրաւիրելու Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի 1993-94 տարեշրջանի Ա. հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի 3 Նոյեմբեր 1993-ին, Միութեանս Զ. Մովսէսեան կեդրոնի Ա. յարկի ժողովասենեակին մէջ, երեկոյեան ժամը 4:00-ին:

Սոյն ժողովին ներկայ պիտի ըլլան Պ.Պ. Յակոբ Ալթունեան,[cxlix] Պարոյր Աղպաշեան, Երուանդ Քասունի, Պէպօ Սիմոնեան, Հայկ Թիլպեան,[cl] Արշօ Թիւթիւնճեան,[cli] Ժիրայր Դանիէլեան:

Ձեր ներկայութիւնը յոյժ փափաքելի է:

 

Քարտուղարութիւն

[Ե․ Հ․ Հ․ Հ․ի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

19/10. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի Ուսանողական Յանձնախումբէն

 

Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՀԻՒՍԻՍԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ

ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՊԷՅՐՈՒԹ

 

Պէյրութ, 24 Մարտ 1971[clii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ.

Յարգելի տիար,

Կը յայտնենք նախ մեր շնորհակալութիւնը այն յօժարութեան համար, որով բարեհաճեցաք մասնակցիլ մեր կողմէ կազմակերպուած շարադրութեան միջդպրոցային մրցման դատական կազմին:

Մրցումը տեղի ունեցաւ ներկայ 22 Մարտին, Երկուշաբթի: Ձեզի կ’ուղարկենք շարադրութեան թուղթերը հերթով՝ երէցներու եւ կրտսերներու բաժանումով, ու կը խնդրենք որ, 100-ը նկատելով որպէս առաւելագոյն թիւ, Ձեր գնահատումը կատարէք նիշով, առանձին թուղթի վրայ, կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ:

Կրկին շնորհակալութեամբ ու յարգանքներով,

 

ի դիմաց

մրցման կազմակերպիչ յանձնախումբի՝

Ատենադպիր՝                                   Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Ա․ Մինասեան]    [Հուրի Կարապետեան]

 

*          *          *

 

19/11. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբէն

 

Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹ. ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՊԷՅՐՈՒԹ

 

Թիւ 4713                                                        Պէյրութ, 22 Սեպտ[եմբեր] 1959[cliii]

 

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐ

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Յարգելի տիար,

Ներկայիւս հաճոյքն ունինք հաղորդել թէ Յանձնախումբս Ձեզ պաշտօնի կը հրաւիրէ Սահակեան Բարձր. (Նահր) Վարժարանին մէջ, իբր մնայուն ուսուցիչ: Պիտի դասաւանդէք շաբաթական 30 պահ, գլխաւորաբար տնօրէնութեան յարմար դատած դասերը:

Ձեր հիմնական ամսաթոշակն է երկու հարիւր (200) լ. ո.:

Ձեր պաշտօնը կը սկսի 1 Հոկտ. 1959-ին եւ ինքնաբերաբար վերջ կը գտնէ 30 Սեպտ. 1960-ին:

Այս առթիւ պիտի ուզէինք ճշդել թէ ա.– Վարժարանէն ներս արգիլուած է քաղաքականութեամբ զբաղիլ, բ.– Դասաւանդութիւնները տեղի կ’ունենան տնօրէնին հետ համաձայնաբար, գ.– Ձեր առաջին (Հոկտեմբերի) ամսաթոշակը պիտի ստանաք Վարժարանիդ Պատ. Տնօրէնութենէն:

Լիայոյս թէ ընդառաջ պիտի երթաք մեր փափաքին եւ խղճմտօրէն պիտի կատարէք Ձեզի վստահուած պաշտօնը, հաճեցէ՛ք ձեր գրաւոր պատասխանը փութացնել Յանձնախումբիս, թուականէս մինչեւ երկու շաբաթ: Հակառակ պարագային, սոյն հրաւէրը մերժուած կը նկատուի:

 

Յարգանքներով,

ի դիմաց Հ. Բ. Ը. Միութեան

Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի՝

Գանձապահ             Ատենադպիր            Ատենապետ

[ստոր․՝ Տոքթ․ ՏՅՎարժ]    [ստոր․՝ ԳԱհարոնեան]    [ստոր․՝ ԲՆաճարեան][cliv]

[Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը]

 

Յաջորդ տարիներու համար Հ Բ Ը Մի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին կողմէ եղած «Ուսուցչական հրաւէր»ները ընդհանուր առմամբ նոյնութեամբ կը կրկնեն այս փաստաթուղթին բովանդակութիւնը։ Անհարկի կրկնութիւններէ խուսափելու համար, ըստ 1960-1969 ուսումնական տարիներու տարբերութիւնները կը ներկայացնենք ստորեւ բերուող աղիւսակով։

Հրաւէրին թուականը եւ թիւը Դպրոցին անունը Ուս տարին Շաբաթական դասապահերուն քանակը Ամսաթոշակը

(լիբ ոսկի)

ստորագրողները Այլ տեղեկ
7 Յուլիս 1960, 5145 Սահակեան Բարձրագոյն Վարժարան 1960-61 30 210 Տիգրան Վարժապետեան, Գերսամ Ահարոնեան, Բերկրուհի Նաճարեան
13 Յուլիս 1961, 5562 Նոր Բարձրագոյն Վարժարան 1961-62 30 232,50 Նոյները
21 Սեպտ 1961, 5624 Սահակեան Բարձրագոյն Վարժարան 1961-62 30 232,50 Նոյները Էջին վերը գրուած է Այսու չեղեալ կը նկատուի մեր 13-7-961 եւ թ 5562 հրաւէրը
10 Սեպտ 1962, 5974 Նոյնը 1962-63 24-30 232,50 Տիգրան Վարժապետեան, Գերսամ Ահարոնեան, անընթեռնելի ստոր
15 Օգոս 1963, 6275 Նոր Բարձրագոյն Վարժարան 1963-64 Պահերուն քանակի թիւը չէ լրացուած 260 Նոյնը
25 Յուլիս 1964, 6577 Նոյնը 1964-65 24 260 Նոյները 1965-66 ուս տարուայ հրաւիրագիր չկար Պէպոյի արխիւին մէջ
15 Յուլիս 1966, 7164 Սահակեան Լիսէ 1966-67 24 315 Տիգրան Վարժապետեան, Գերսամ Ահարոնեան, Ա Նազարեան
16 Յուլիս 1967, 7460 Նոյնը 1967-68 24 342,50 Տիգրան Վարժապետեան, Գերսամ Ահարոնեան, Սարգիս Տեմիրճեան
14 Յուլիս 1968, 7714 Նոյնը 1968-69 24 342,50 Նոյները

 

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹ. ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՊԷՅՐՈՒԹ

 

Թիւ 8023                                                                                Պէյրութ, 14 Յուլիս 1969[clv]

 

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՄՆԱՅՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ

 

Ա. Կողմ – Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբ.ի Կրթ. Յանձնախումբ եւ Վարժ.ի Տնօրէնութիւն

Բ. Կողմ – Մնայուն Ուսուցիչ

 

Հ. Բ. Ը. Միութեան Լիբանանի Կրթ. Յանձնախումբը պաշտօնի կը կոչէ պր. ՊԵՏՐՈՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆը որպէս մնայուն ուսուցիչ Հ․ Բ․ Ը․ Միութեան ․․․․․․․․․․․ վարժարանին,[clvi] 1969-1970 տարեշրջանի համար, 1 Հոկտ.էն մինչեւ 30 Սեպտ.:

Բ. Կողմը պիտի դասաւանդէ շաբ. 24 պահ, գլխաւորաբար տնօրէնին որոշած դասերը

եւ պիտի լրացնէ օրինական պահերու թիւը դասարանային հսկողութեամբ:

Երկու պահ հսկողութիւն համազօր է մէկ պահ դասաւանդութեան:

Բ. Կողմի հիմնական ամսաթոշակը պիտի ըլլայ 375 – ԵՐԵՔ ՀԱՐԻՒՐ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ՀԻՆԳ լ. ո. 12 ամսուան վրայ, որուն վրայ կ’աւելնայ ընտանեկան հատուցումը – եթէ ունի – —–[clvii] լ. ո., ինչպէս նաեւ կեանքի սղութեան հատուցումը – եթէ կայ – …………[clviii] լ. ո.:

Իր պաշտօնավարութեան շրջանին Բ. Կողմը պարտի յարգել հետեւեալ պայմանները.

1.– Դպրոցէն ներս արտօնուած չէ զբաղիլ քաղաքականութեամբ:

2.– Պէտք չէ բացակայի ուսուցչական ժողովներէն եւ դպրոցական հանդէսներէն՝ առանց տնօրէնութեան կանխօրօք արտօնութեան:

3.– Չի կրնար բացակայիլ դպրոցէն ճամբորդութեան պատճառով՝ առանց տնօրէնութեան եւ Կրթ. Յանձնախումբին կանխօրօք արտօնութեան:

4.– Դասաւանդութեանց եւ կարգ-կանոնի գործադրութեան մէջ պարտաւոր է հետեւիլ տնօրէնութեան հրահանգներուն:

5.– Դպրոցի ժամերուն պարտաւոր է դպրոց գտնուիլ: Կրնայ բացակայիլ միայն օրէնքով արտօնուած ժամերու սահմանին մէջ, տնօրէնին համաձայնութեամբ, եթէ այլուր ունի վճարովի կրթական գործ: Այս պարագային, ան պարտի իր պայմանագրութեան պատճէնը անմիջապէս ներկայացնել տնօրէնութեան: Եթէ Բ. Կողմը վարժարանէն դուրս ստանձնէ արտօնուածէն աւելի ժամեր, Ա. գրաւոր ազդարարութեամբ ենթակայ կ’ըլլայ ամսականի համեմատական նուազումի, իսկ Բ. գրաւոր ազդարարութեամբ կը բեկանուի սոյն պայմանագրութիւնը: Այն պարագային ուր ուսուցիչը դպրոցն է եւ դաս չունի, պարտի ստանձնել հսկողութիւնը այն դասարանին, որուն ուսուցիչը բացակայ է:

6.– Երեք օրէ աւելի հիւանդութեան պարագային, Բ. Կողմը պարտի Հ. Բ. Ը. Մ.ի դարմանատան բժիշկէն հաստատագիր մը ներկայացնել տնօրէնութեան:

7.– Ամառնային մէկ ամսուան օրինական աշխատանքի փոխարէն, Բ. Կողմը յանձնառու կ’ըլլայ անվճար կատարելու հետեւեալ աշխատանքները.-

ա.– Օթոպիւսի սպասարկութեան հսկողութիւն:

բ.– Դասարաններու առաւօտեան հսկողութիւն:

գ.– Քննութեանց շրջանին՝ դիւանական գործի օժանդակութիւն:

դ.– Պարբերաբար շաբաթական պատժուածներու հսկողութիւն:

ե.– Ընդհ. հսկողութեան հերթական օժանդակ հսկողութիւն:

զ.– Յանձնախումբի մը – կամ գրադարանի, գիտաշխատանոցի կամ դպրոցական թերթի – պատասխանատուութիւն:

Կը խնդրուի սոյն պայմանագրութեան Բ. օրինակը ստորագրել եւ փոխանցել Կրթական Յանձնախումբի դիւանին, ստացման թուականէն մինչեւ 10 օր: Հակառակ պարագային, եթէ հին ուսուցիչ է, ենթակայ կ’ըլլայ օրէնքի[ն] կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն, իսկ եթէ նոր թեկնածու է, մերժուած կը նկատուի:

 

Ուսուցիչ        Տնօրէն           Գանձապահ             Ատենադպիր                       Ատենապետ ……………..             ……………..       ՍՏեմիրճեան            ԳԱհարոնեան          ՏոքթՏՅՎարժ

[Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը]

 

Յաջորդ տարիներու համար Հ Բ Ը Մի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին կողմէ եղած «Ուսուցչական հրաւէր»ները ընդհանուր առմամբ նոյնութեամբ կը կրկնեն այս փաստաթուղթին բովանդակութիւնը։ Անհարկի կրկնութիւններէ խուսափելու համար, ըստ 1970-1972 ուսումնական տարիներու տարբերութիւնները կը ներկայացնենք ստորեւ բերուող աղիւսակով։

Պայմանագիրին թուականը եւ թիւը Դպրոցին անունը Ուս տարին Շաբաթական դասապահերուն քանակը Ամսական թոշակը յաւելավճարները ստորագրողները Այլ տեղեկ
14 Յուլիս 1970, 8313 Սահակեան Լիսէ 1970-71 24 375 թեքնիսիթի՝ 44,05

կեանքի սղութեան հատուցում՝ 29,45

Տիգրան Վարժապետեան,

Գերսամ Ահարոնեան,

Սարգիս Տեմիրճեան

Միեւնոյն տուեալներով կայ եւս մէկ փաստաթուղթ
12 Օգոստոս 1971, 8633 Նոյնը 1971-72 24 407,50 թեքնիսիթի՝ 46,95

կեանքի սղութեան հատուցում՝ 29,45

Նոյները Լրացումները կատարուած են գրամեքենայով

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹ. ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՊԷՅՐՈՒԹ

 

Թիւ 8845                                                                    Պէյրութ, 19 Օգոստոս 1972[clix]

 

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՄՆԱՅՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ

 

Ա. Կողմ – Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբ.ի Կրթ. Յանձնախումբ եւ Վարժ.ի Տնօրէնութիւն

Բ. Կողմ – Մնայուն Ուսուցիչ

 

Հ. Բ. Ը. Միութեան Լիբանանի Կրթ. Յանձնախումբը պաշտօնի կը կոչէ պր. ՊԵՏՐՈՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆը որպէս մնայուն ուսուցիչ Հ․ Բ․ Ը․ Միութեան ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԼԻՍԷԻՆ վարժարանին,[clx] 1972-1973 տարեշրջանի համար, 1 Հոկտ.էն մինչեւ 30 Սեպտ.:

Բ. Կողմը պիտի դասաւանդէ շաբ. 24 պահ, գլխաւորաբար տնօրէնին որոշած դասերը

եւ պիտի լրացնէ օրինական պահերու թիւը դասարանային հսկողութեամբ:

Երկու պահ հսկողութիւն համազօր է մէկ պահ դասաւանդութեան:

Բ. Կողմի ամսաթոշակը պիտի ըլլայ 12 ամսուան վրայ

Հիմնական թոշակ                                                                           407,50 լ. ո.

Ընտանեկան յատկացում                                                               ——–

Մասնաւոր հատուցում 3,85% + 4% = 7,85% (թաաուիտ խաս)[clxi]        32.-

19-1-970-ի թիւ 1/70 կանոնին համաձայն

Մասնաւոր հատուցում (թեքնիսիթէ)

նոյն կանոնին համաձայն                                                              46,95

Պոնիւս                                                                                               ——–

5% կեանքի սղութեան փոխարէն, 9 Նոյեմբեր 1971 թուակիր եւ թիւ 64/71 կանոնին համաձայն                                                                            20,40

Ընդհ. գումար՝           506.85 լ. ո.

 

Իր պաշտօնավարութեան շրջանին Բ. Կողմը պարտի յարգել հետեւեալ պայմանները.

1.– Դպրոցէն ներս արտօնուած չէ զբաղիլ քաղաքականութեամբ:

2.– Պէտք չէ բացակայի ուսուցչական ժողովներէն եւ դպրոցական հանդէսներէն՝ առանց տնօրէնութեան կանխօրօք արտօնութեան:

3.– Չի կրնար բացակայիլ դպրոցէն ճամբորդութեան պատճառով՝ առանց տնօրէնութեան եւ Կրթ. Յանձնախումբին կանխօրօք արտօնութեան:

4.– Դասաւանդութեանց եւ կարգ-կանոնի գործադրութեան մէջ պարտաւոր է հետեւիլ տնօրէնութեան հրահանգներուն:

5.– Դպրոցի ժամերուն պարտաւոր է դպրոց գտնուիլ: Կրնայ բացակայիլ միայն օրէնքով արտօնուած ժամերու սահմանին մէջ, տնօրէնին համաձայնութեամբ, եթէ այլուր ունի վճարովի կրթական գործ: Այս պարագային, ան պարտի իր պայմանագրութեան պատճէնը անմիջապէս ներկայացնել տնօրէնութեան: Եթէ Բ. Կողմը վարժարանէն դուրս ստանձնէ արտօնուածէն աւելի ժամեր, Ա.– գրաւոր ազդարարութեամբ ենթակայ կ’ըլլայ ամսականի համեմատական նուազումի, իսկ Բ.– գրաւոր ազդարարութեամբ կը բեկանուի սոյն պայմանագրութիւնը: Այն պարագային որ ուսուցիչը դպրոցն է եւ դաս չունի, պարտի ստանձնել հսկողութիւնը այն դասարանին, որուն ուսուցիչը բացակայ է:

6.– Երեք օրէ աւելի հիւանդութեան պարագային, Բ. Կողմը պարտի Հ. Բ. Ը. Մ.ի դարմանատան բժիշկէն հաստատագիր մը ներկայացնել տնօրէնութեան:

7.– Ամառնային մէկ ամսուան օրինական աշխատանքի փոխարէն, Բ. Կողմը յանձնառու կ’ըլլայ անվճար կատարելու հետեւեալ աշխատանքները.

ա.– Օթոպիւսի սպասարկութեան հսկողութիւն:

բ.– Դասարաններու առաւօտեան հսկողութիւն:

գ.– Քննութեանց շրջանին՝ դիւանական գործի օժանդակութիւն:

դ.– Պարբերաբար շաբաթական պատժուածներու հսկողութիւն:

ե.– Ընդհ. հսկողութեան հերթական օժանդակ հսկողութիւն:

զ.– Յանձնախումբի մը – կամ գրադարանի, գիտաշխատանոցի կամ դպրոցական թերթի – պատասխանատուութիւն:

Կը խնդրուի սոյն պայմանագրութեան Բ. օրինակը ստորագրել եւ փոխանցել Կրթական Յանձնախումբի դիւանին, ստացման թուականէն մինչեւ 10 օր: Հակառակ պարագային, եթէ հին ուսուցիչ է, ենթակայ կ’ըլլայ օրէնքի[ն] կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն, իսկ եթէ նոր թեկնածու է, մերժուած կը նկատուի:

 

Ուսուցիչ        Տնօրէն[clxii]       Գանձապահ             Ատենադպիր            Ատենապետ

Պ. Գալայճեան                     ՍՏեմիրճեան                        ԳԱհարոնեան          ՏոքթՏՅՎարժ

[Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Հիմնուած 1906-ին Գահիրէ                                   FONDÉE EN 1906 AU CAIRE

Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՊԷՅՐՈՒԹ

 

UNION GÉNÉRALE ARMÉNIENNE DE BIENFAISANCE

CONSEIL D’INSTRUCTION DU LIBAN

Beyrouth, le …….

  1. P. 715

 

[Պէյրութ,] 30 Յուլիս 1973[clxiii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Մեծայարգ տիար,

Հաճոյքով կը տեղեկացնենք թէ Հ. Բ. Ը. Միութեան Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Տիթրոյթի Գործադիր Մարմինը հաստատած է գրական նոր մրցանք մը՝ միմիայն Լիբանանի հայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան համար, մրցանք, որուն վերաբերեալ երկրորդական վարժարաններու տնօրէնութեանց ուղղուած շրջաբերականէն կը ներփակենք օրինակ մը՝ առ ի ծանօթութիւն անոր բովանդակութեան:

Վստահ ըլլալով հայ մշակոյթին հանդէպ Ձեր տածած սիրոյն ու գուրգուրանքին, Մրցանքի Կեդրոնական Յանձնախումբս այսու կու գայ խնդրել Ձեզմէ որ բարեհաճիք մաս կազմել Քննիչ Յանձնախումբին, որուն անդամներուն անունները եւ քննելի նիւթերուն բաշխումը կը ներկայացնենք ստորեւ.

Վարդանանց հերոսամարտի եւ Ապրիլ 24-ի Եղեռնի ուսումնասիրութիւնները պիտի քննեն պպ. Օննիկ Սարգիսեան, Պէպօ Սիմոնեան, Վահէ-Վահեան եւ Լեւոն Վարդան:

Ազգային հերոս Անդրանիկի եւ Սարդարապատի հերոսամարտի ուսումնասիրութիւնները պիտի քննեն պպ. Մուշեղ Իշխան, տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան, Հրաչ Քաջարենց[clxiv] եւ Երուանդ Քասունի:

Նախատեսուած է, ի հարկին, մրցանքը երկարաձգել մինչեւ 1973 Նոյեմբերի վերջը:

Օրը օրին տեղեակ պիտի պահենք Ձեզ մրցանքին վերաբերեալ նորութիւններուն մասին:

Լիայոյս թէ սիրով պիտի ընդառաջէք մեր հրաւէրին, կը կանխենք մեր շնորհակալութիւնները:

 

Յարգանքներով՝

Ալեք Մանուկեան Գրական Մրցանքի

Կեդրոնական Յանձնախումբի

Գանձապահ՝                        Ատենադպիր՝                                   Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Սարգիսեան]         [ստոր․՝ Վահէ-Վահեան][ստոր․՝ ՏոքթՏՅՎարժապետեան]

Օ. Սարգիսեան                    Վահէ-Վահեան                                տոքթ. Տ. Վարժապետեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 20 Մարտ 1974[clxv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի տիար,

Ներկայիւս կու գանք տեղեկացնել, թէ 1973-ի ամառը կազմակերպուած Ալեք Մանուկեան Գրական Մրցանքին համար ստացուած են 16 ուսումնասիրութիւններ, հետեւեալ բաժանումով.-

Վարդանանց հերոսամարտը                    4 ուսումնասիրութիւն 2 վարժարանէ

Ապրիլ 24-ի Եղեռնը                                   3 ուսումնասիրութիւն 2 վարժարանէ

Ազգային հերոս Զօր. Անդրանիկ              2 ուսումնասիրութիւն 2 վարժարանէ

Սարդարապատի հերոսամարտը            7 ուսումնասիրութիւն 4 վարժարանէ

Իբրեւ անդամ սոյն գրական մրցանքի Քննիչ Յանձնախումբին, այսու հաճոյքով կը հրաւիրենք Ձեզ ներկայ գտնուիլ խորհրդակցական հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 1974, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Քննիչ Յանձնախումբի անդամներուն միջեւ բաշխելու համար ստացուած ուսումնասիրութիւնները, եւ ճշդելու ու որդեգրելու բոլոր քննիչներուն կողմէ հաւասարապէս կիրարկելի գնահատումի միատեսակ դրութիւն մը:

Լիայոյս ենք թէ պիտի բարեհաճիք ներկայ գտնուիլ սոյն հանդիպումին որ պիտի կայանայ Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի Կրթական Յանձնախումբի գրասենեակին մէջ, 5-րդ յարկ, եւ որուն համար կանխաւ կը յայտնենք Ձեզի մեր շնորհակալիքը:

 

Յարգանքներով՝

Ալեք Մանուկեան Գրական Մրցանքի

Կեդր. Յանձնախումբի

Գանձապահ՝                        Ատենադպիր՝                                   Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Սարգիսեան]         [ստոր․՝ Վահէ-Վահեան] [ստոր․՝ՏոքթՏՅՎարժապետեան]

Օ. Սարգիսեան                    Վահէ-Վահեան                                տոքթ. Տ. Վարժապետեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 7 Հոկտեմբեր 1974[clxvi]

 

Հրաւէր խորհրդակցական հանդիպումի

 

Անցեալ տարի Լիբանանի հայ երկրորդական վարժարաններու ուսանողութեան համար կազմակերպուած «Ալեք Մանուկեան Գրական Մրցանքի Քննիչ Յանձնախումբ»ը խորհրդակցական նիստ պիտի գումարէ յառաջիկայ Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 1974, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի Հ. Բ. Ը. Միութեան Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի գրասենեակին մէջ, 5-րդ յարկ, որոշելու համար սոյն մրցանքին մասնակցածներուն մրցանակները:

Իբրեւ անդամ մրցանքի Քննիչ Յանձնախումբին, կը խնդրենք որ բարի ըլլաք անպայման ներկայ գտնուիլ յիշեալ հանդիպումին:

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յարգանքներով՝

 

Քարտուղարութիւն

Հ. Բ. Ը. Միութեան

Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի

[Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹ. ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՊԷՅՐՈՒԹ

 

Թիւ 9698                                                                    Պէյրութ, 14 Նոյեմբեր 1974[clxvii]

 

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՄՆԱՅՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ

 

Ա. Կողմ – Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբ.ի Կրթ. Յանձնախումբ եւ Վարժ.ի Տնօրէնութիւն

Բ. Կողմ – Մնայուն Ուսուցիչ

 

Հ. Բ. Ը. Միութեան Լիբանանի Կրթ. Յանձնախումբը պաշտօնի կը կոչէ պր. ՊԵՏՐՈՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆը որպէս մնայուն ուսուցիչ Հ․ Բ․ Ը․ Միութեան Սահակեան Լիսէին վարժարանին,[clxviii] 1974-1975 տարեշրջանի համար, 1 Հոկտ.էն մինչեւ 30 Սեպտ.:

Բ. Կողմը պիտի դասաւանդէ շաբ. 24 պահ, գլխաւորաբար տնօրէնին որոշած դասերը:

եւ պիտի լրացնէ օրինական պահերու թիւը դասարանային հսկողութեամբ:

Երկու պահ հսկողութիւն համազօր է մէկ պահ դասաւանդութեան:

Բ. Կողմի ամսաթոշակը պիտի ըլլայ 12 ամսուան վրայ

Հիմնական թոշակ                                                                           472,50 Լ. Ո.

Ընտանեկան յատկացում                                                               30.-

Մասնաւոր հատուցում 3,85% + 4% =7.85% (تعويض خاص)          18,90

19-1-970ի թիւ 1/70 կանոնին համաձայն

Մասնաւոր հատուցում (թեքնիսիթէ)

նոյն կանոնին համաձայն                                                              52,80

Պոնիւս                                                                                               ——–

5% կեանքի սղութեան փոխարէն, 9 Նոյեմբեր 1971 թուակիր եւ թիւ 64/71 կանոնին համաձայն                                                                            23,65

Ընդհ. գումար՝           597,85 լ. ո.

 

Իր պաշտօնավարութեան շրջանին Բ. կողմը պարտի յարգել հետեւեալ պայմանները.

– Դպրոցէն ներս արտօնուած չէ զբաղիլ քաղաքականութեամբ:

– Պէտք չէ բացակայի ուսուցչական ժողովներէն եւ դպրոցական հանդէսներէն՝ առանց տնօրէնութեան կանխօրօք արտօնութեան:

– Չի կրնար բացակայիլ դպրոցէն ճամբորդութեան պատճառով՝ առանց տնօրէնութեան եւ Կրթ. Յանձնախումբին կանխօրօք արտօնութեան:

– Դասաւանդութեանց եւ կարգ-կանոնի գործադրութեան մէջ պարտաւոր է հետեւիլ տնօրէնութեան հրահանգներուն:

– Դպրոցի ժամերուն պարտաւոր է դպրոց գտնուիլ:- Կրնայ բացակայիլ միայն օրէնքով արտօնուած ժամերու սահմանին մէջ, տնօրէնին համաձայնութեամբ, եթէ այլուր ունի վճարովի կրթական գործ: Այս պարագային, ան պարտի իր պայմանագրութեան պատճէնը անմիջապէս ներկայացնել տնօրէնութեան: Եթէ Բ. Կողմը վարժարանէն դուրս ստանձնէ արտօնուածէն աւելի ժամեր, Ա.– գրաւոր ազդարարութեամբ ենթակայ կ’ըլլայ ամսականի համեմատական նուազումի, իսկ Բ.– գրաւոր ազդարարութեամբ կը բեկանուի սոյն պայմանագրութիւնը: Այն պարագային որ ուսուցիչը դպրոցն է եւ դաս չունի, պարտի ստանձնել հսկողութիւնը այն դասարանին, որուն ուսուցիչը բացակայ է:

– Երեք օրէ աւելի հիւանդութեան պարագային, Բ. Կողմը պարտի Հ. Բ. Ը. Մ.ի դարմանատան բժիշկէն հաստատագիր մը ներկայացնել տնօրէնութեան:

– Ամառնային մէկ ամսուան օրինական աշխատանքի փոխարէն, Բ. Կողմը յանձնառու կ’ըլլայ անվճար կատարելու հետեւեալ աշխատանքները.

ա.– Օթոպիւսի սպասարկութեան հսկողութիւն:

բ.– Դասարաններու առաւօտեան հսկողութիւն:

գ.– Քննութեանց շրջանին՝ դիւանական գործի օժանդակութիւն:

դ.– Պարբերաբար շաբաթական պատժուածներու հսկողութիւն:

ե.– Ընդհ. հսկողութեան հերթական օժանդակ հսկողութիւն:

զ.– Յանձնախումբի մը – կամ գրադարանի, գիտաշխատանոցի կամ դպրոցական թերթի – պատասխանատուութիւն:

Կը խնդրուի սոյն պայմանագրութեան Բ. օրինակը ստորագրել եւ փոխանցել Կրթական Յանձնախումբի դիւանին, ստացման թուականէն մինչեւ 10 օր: Հակառակ պարագային, եթէ հին ուսուցիչ է, ենթակայ կ’ըլլայ օրէնքին կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն, իսկ եթէ նոր թեկնածու է, մերժուած կը նկատուի:

 

Ուսուցիչ                    Տնօրէն           Գանձապահ            Ատենադպիր           Ատենապետ

Պ. Գալայճեան [խզբզոց մը] Ա․Նազարեան ԳԱհարոնեան    ՏոքթՏՅՎարժապետեան    ……………

[Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը][clxix]

 

*          *          *

 

No. 10592                                                                               4 Դեկտեմբեր 1979[clxx]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ

Մեծայարգ տիար,

Յանձնախումբս վերահասու եղաւ Ձեր 23 Հոկտեմբեր 1979 թուակիր նամակին բովանդակութեան ու գնահատելի գտաւ Ձեր ճիգը՝ ծառայելու մեր նորահաս պատանի սերունդի ազգային գիտակցութեան ու հայրենասիրական դաստիարակութեան գործին:

Յատուկ շրջաբերականով մեր վարժարաններու տնօրէնութեանց ուշադրութեան յանձնեցինք Ձեր նպատակն ու փափաքը – գիրքը[clxxi] տարածելու պատանի ընթերցողներու շրջանակին մէջ:

Բարեհաճեցէք ուրեմն, հաղորդակցութեան մէջ մտնել պատկան տնօրէններուն հետ՝ տնօրինելու համար պարտն ու պատշաճը:

Ձեր ազգանուէր գործունէութիւններուն մաղթելով լաւագոյն յաջողութիւններ, մնանք

 

Յարգանօք՝

Հ. Բ. Ը. Միութեան

Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի

Վ. գանձապահի՝                             Ատենադպիր՝                       Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Յ. Եոզկաթեան][clxxii]           [ստոր․՝ Գ. Ահարոնեան]   [ստոր․՝ Մ. Գասպարեան]

[Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն կլոր կնիքը, որու վրայ կայ անընթեռնելի ստորագրութիւն-խզբզոց մը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 10 Նոյեմբեր 1993[clxxiii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի պրն. Սիմոնեան,

Այսու հաճոյքով Ձեզ կը հրաւիրենք մասնակցելու Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Ուսմանց Հիմնարկի խորհրդատու մարմինի նիստերուն, որոնք պարբերաբար տեղի պիտի ունենան Զ. Մովսէսեան կեդրոնին մէջ:

Այս մարմինին առաքելութիւնն է դասաւորել Հիմնարկին աշխատանքները, ճշդել դասացուցակն ու դասախօսները, կազմակերպել հանրային լսարաններ, զբաղիլ ուսանողներով, փորձել հրատարակել հայագիտական ուսումնասիրութեանց պարբերագիրք եւ պատրաստել նախածրագիր մը, ուր նշուին խորհրդատու Ձեր մարմինի պատկերացումները այս հիմնարկի ապագայ գոյավիճակին շուրջ:

Խորհրդատու մարմինը, բացի Ձեզմէ, կը բաղկանայ տիարք Յակոբ Ալթունեանէ, Պարոյր Աղպաշեանէ եւ Դոկտ. Երուանդ Քասունիէ: Վերջինս նաեւ սոյն մարմինի աշխատանքներուն համադրողն է: Ձեր ժողովներուն պիտի մասնակցի Կրթական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ տիար Մկրտիչ Պուլտուքեան:[clxxiv]

Հիմնարկիս գրադարանավարուհի-քարտուղարուհին է օրդ. Մարիա Թաթարեանը, որուն աշխատանքային ժամանակացոյցը հետեւեալն է.

Երկուշաբթի             10-18

Երեքշաբթի               9-14

Չորեքշաբթի             10-18

Հինգշաբթի                9-14

Ուրբաթ                     10-18

Ձեր գործունէութեանց յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով,

 

Մնանք յարգանքներով՝

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի

փոխատենապետ

Արշօ Թիւթիւնճեան

[Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 28 Յունիս 1994[clxxv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի պրն. Սիմոնեան,

Ներկայ գրութեամբ կու գանք մեր շնորհակալութիւնները յայտնելու Ձեզի, որ 1993-94 կրթաշրջանին դասաւանդեցիք Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկէն ներս:

Կրթական տարին Յունիս ամսուան աւարտին իր լրումին հասնելով, Ե. Հիւսիսեան Հիմնարկն ալ իր դռները պիտի փակէ մինչեւ յաջորդ կրթաշրջան: Առ այդ, 1994-95 տարեշրջանին Ձեր ծառայութեան կարիքը զգալու պարագային, Կրթական Յանձնախումբս վերստին կրնայ դիմել Ձեզի՝ շարունակելու Ձեր դասաւանդութիւնները վերոյիշեալ Հիմնարկէն ներս:

Ձեր կրթանուէր գործունէութեանց յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով, մնանք

 

Յարգանքներով՝

Հ. Բ. Ը. Միութեան

Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի

Ատենադպրուհի                  Ատենապետ

[ստոր․՝ Անի Լաչինեան]    [Հայկ Թիլպեան]

Անի Լաչինեան                    Հայկ Թիլպեան

[Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի միայն հայերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 27 Նոյեմբեր 1995[clxxvi]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի պրն. Սիմոնեան,

Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբս Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներուն հետ միասին քննարկեց Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի համար պատրաստած Ձեր նախագիծը:

Կրթական Յանձնախումբս շնորհակալութիւն կը յայտնէ վերոյիշեալ նախագիծին համար, սակայն իր վերջին նիստին սկզբունքային որոշում առաւ Կեդրոնի գործունէութեանը տարբեր բնոյթ տալ, ուստի առ այժմ Ձեր նախագիծը պիտի չկարողանանք գործնականացնել:

Ձեր կրթանուէր գործունէութեան յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով, մնանք

 

Յարգանքներով՝

Հ. Բ. Ը. Միութեան

Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի

Ատենապետ՝                                    Ատենադպրուհի՝

[ստոր․՝ Հայկ Թիլպեան]                [ստոր․՝ Անի Լաչինեան]

Հայկ Թիլպեան                                 Անի Լաչինեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի միայն հայերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

ՍԱ-թհ

*          *          *

 

Պէյրութ, 12 Յունիս 1997[clxxvii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի պրն. Սիմոնեան,

Սոյն գրութեամբ Հ. Բ. Ը. Միութեան Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբս կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնելու Ձեզի, Շաբաթ 7 Յունիս 1997-ին Միութեանս Զապէլ Մովսէսեան Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցած միօրեայ կրթական սեմինարին Ձեր մասնակցութեան համար:

Դուք որպէս հիմնական զեկուցողներէն մին կէսօրէ ետք ծաւալած հայագիտական նիւթերուն առնչուող զրոյցին, դրական եւ օգտակար ներդրում մը կատարած եղաք, որ հետաքրքրութիւն ստեղծեց յատկապէս կրթական մարզէն ներս գործող եւ այդ օր ներկայ գտնուած ուսուցիչներուն ու կրթական պատասխանատուներուն մօտ:

Ձեր մշակութային, հասարակական եւ անձնական ծրագիրներու յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով, մնանք

 

Յարգանքներով՝

Հ. Բ. Ը. Միութեան

Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի

Անդամ                                   Ատենապետ

[ստոր․՝ Հայկ Թիլպեան]    [ստոր․՝ Մկրտիչ Յ․ Պուլտուքեան]

Հայկ Թիլպեան                     Մկրտիչ Պուլտուքեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի միայն հայերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

ՍԱ-թհ/thankarm

 

*          *          *

 

19/12. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովէն

 

Հիմնուած՝ 1906-ին, Գահիրէ                                 Fondé en 1906 au Caire

par Boghos Noubar Pacha

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ                          UNION GÉNÉRALE ARMÉNIENNE

ԸՆԴՀ․ ՄԻՈՒԹԻՒՆ                                                                        DE BIENFAISANCE

 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋ․ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ                             COMITÉ RÉGIONAL DU LIBAN

Սելիմ Պուսթանի փողոց                                                    Rue Sélim Boustany, Beyrouth

Պէյրութ                                                                                  Télégr.: Armenbien

Փոստարկղ 11 – 715                                                                                   B. P. 11 715

Հեռաձայն 484095 – 490765                                                                        Tél. 484095 – 490765

 

No.                                                                                         Պէյրութ, 17 Նոյեմբեր 1992[clxxviii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի,                                                                                                                                                          Աստ.
Յարգելի պրն. Սիմոնեան,

Հաճոյքով Ձեզի կը փոխանցենք, Հ. Բ. Ը. Մ.ի Պատկառելի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի կողմէ Գոլէճիդ յատկացուող երկու ՏԱՍԸ ՀԱԶԱՐ-ական տոլարները, որ յաջորդաբար կը ներկայացնեն «Լեւոն Մկրտիչեան» եւ «Լեւոն Մկրտիչեան Կրթական եւ Կրօնական» Հիմնադրամներու 1991-ի եկամուտի Ձեր բաժինը:

Պիտի խնդրենք ստացագիրը փոխանցել մեզի, իսկ շնորհակալական նամակը յետագային կը ղրկէք Կեդրոնական Վարչութեան:

 

Ձեր կրթանուէր գործունէութեանց յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով, մնանք

յարգանքներով՝

Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի

Դիւանապետ

[ստոր․՝ Սեպուհ]

Սեպուհ Աւետիքեան[clxxix]

[Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի հայերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

ՍԱ – թլմ

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 22 Փետրուար 1994[clxxx]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,

Աստ.

Հ. Բ. Ը. Միութեան եւ Հ. Ե. Ը.ի Լիբանանի շրջանակի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնս, Մարտ ամսուան մէջ նշուող Ուսուցչաց տօնին առիթով, ծրագրած է իր հերթական համարներէն Մարտ 1994-ի բովանդակութիւնը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ բացառիկ թիւով մը նուիրել լիբանանահայ գաղութի մեր կրթական մտահոգութիւններուն, անցեալի իրագործումին եւ նոր ծրագիրներուն:

Առ այդ, խմբագրութիւնս նկատի ունենալով գաղութիս մէջ գործող մեր միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններուն արդիւնաւէտ գոյութիւնը եւ անոնց գոյատեւումին համար դիմագրաւած բազմապիսի պարտաւորութիւնները, այսու պաշտօնապէս, իբրեւ պատասխանատու տնօրէնը Ձեր կրթական հաստատութեան, կը դիմէ Ձեզի որ բարեհաճիք կրթական խօսքով մը Ձեր մասնակցութիւնը բերել «Խօսնակ»ի բացառիկ այս համարին, շուրջ 2 կամ 3 մեքենագրեալ էջի սահմաններու մէջ՝ ոչ աւելի քան 10 Մարտ 1994, հասցէագրելով խմբագրութեանս՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Գրասենակի[ն] միջոցով:

Կը խնդրուի ներփակ ծանօթութեամբ մը յիշել նաեւ Ձեր վարժարանին հիմնադրութեան տարին եւ ներկայ տարեշրջանի աշակերտութեան թիւը, եթէ երկսեռ է՝ առանձնաբար: Առաւել՝ Ձեր ամփոփ կենսագրականն ու անցագրային չափով լուսանկարը, զայն օգտագործելու համար Ձեր գրութեան կողքին:

Լիայոյս՝ որ մեր ներկայ գիրը պիտի արժանանայ Ձեր դրական մօտեցումին,[clxxxi]

 

Լաւագոյն բարեմաղթութիւններով,

ի դիմաց

«Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան՝

[ստոր․՝ Արամ Սեփեթճեան]

Արամ Սեփեթճեան

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 25 Մարտ 1994[clxxxii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Յարգելի պրն. Սիմոնեան,

Հ. Բ. Ը. Միութեան Լիբանանի շրջանակի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը ծրագրած է ամսագիրիս Ապրիլ 1994-ի բացառիկ թիւը նուիրել Ապրիլեան Եղեռնին եւ անոր հետ առընչուած մեր ազգային մտահոգութիւններու վերլուծումին, որուն զուգահեռ՝ նաեւ Հ. Բ. Ը. Միութեան հիմնադրութեան 88-րդ տարեդարձին առիթով արդար գնահատանքը կատարել Միութեան ներկայ գործունէութեան:

Մեծապէս գնահատելով Ձեր մտաւորական եւ ազգային հասարակական գործունէութիւնը, խմբագրութիւնս կը փափաքի ունենալ Ձեր աշխատակցութիւնը անտիպ գրութեամբ մը, «Խօսնակ»ի վերոյիշեալ թիւին:[clxxxiii]

Ձեր գրութիւնը կրնաք ուղարկել խմբագրութեանս, Զապէլ Մովսէսեան կեդրոն, Ա. յարկ, հեռաձայն 490765, ոչ աւելի ուշ քան 15 Ապրիլ 1994:

 

[ստորագրութիւն, անուն, կնիք կը բացակային]

 

*          *          *

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ                          UNION GÉNÉRALE ARMÉNIENNE

ԸՆԴՀ․ ՄԻՈՒԹԻՒՆ                                                                        DE BIENFAISANCE

 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋ․ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ                             COMITÉ RÉGIONAL DU LIBAN

Հեռաձայն 484095 – 490765                                                                        Tél. 484095 – 490765

 

[Պէյրութ,] 17 Մարտ [19]95[clxxxiv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Ձեզի կը ղրկեմ 50 ամերիկեան տոլար, որ պրն. Արմէն Յարութիւնեանի[clxxxv] նուէրն է «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» Ձեր գիրքին առիթով:

 

Յարգանքներով՝

Հ. Բ. Ը. Միութեան

Լիբ. Շրջ. Յանձնաժողովի

Դիւանապետ

[ստոր․՝ Սեպուհ]

Սեպուհ Աւետիքեան

 

*          *          *

 

19/13. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովէն

 

Armenian General Benevolent Union

Founder His Excellency Boghos Noubar

CENTRAL BOARD OF DIRECTORS

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Հիմնադիր՝ Պօղոս Նուպար Փաշա

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

109 East 40th street, New York, N. Y. 10016, U. S. A.

 

1200/A. 245

 

New York, June 21, 1967[clxxxvi]

 

Mr. Bebo Simonian

  1. O. B. 4080

Beirut, Lebanon

 

Dear Mr. Simonian,

The enclosed memorandum titled “The Role, Functions, and Plan of the Special Committee appointed by the Board of Directors of the Armenian General Benevolent Union” describes an important study which is about to begin. The Committee is headed by Dr. Pergrouhi N. Svajian as Co-Chairman and Professor V. L. Parsegian as Chairman.

It has been proposed, and the Board of Directors concurs, that you be invited to be a member of this Special Committee, in which about thirty other individuals also have been asked to participate. We hope that you will find it possible to give your full support to this important study because of the far-reaching values it can bring to work of the AGBU and to our people.

Would you please direct your reply, which we hope will be an acceptance, to Dr. V. L. Parsegian, Chairman (Brunswick Hills, Route 57, Troy, New York 12180, U. S. A.).

 

Cordially yours,

[ստոր․՝ KGuiragossian]

  1. Guiragossian[clxxxvii]

Executive Director

 

*          *          *

 

Նիւ Եորք, 21 Յունիս [1967][clxxxviii]

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

 

Պրն. Պէպօ Սիմոնեան

Նամակատուփ 4080

Պէյրութ, Լիբանան

 

Սիրելի պրն. Սիմոնեան,

Ներփակ գրութիւնը, «Դերը, գործունէութիւնը եւ ծրագիրը Մասնաւոր Յանձնախումբին, նշանակուած Հայկական Բարեգործական Միութեան Վարիչներու Ժողովին» կողմէ, կը նկարագրէ կարեւոր ձեռնարկութիւն մը, որ սկսելու վրայ է: Յանձնախումբը կը գլխաւորեն դոկտ. Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան եւ փրոֆ. Վ. Լ. Բարսեղեան որպէս զոյգ ատենապետներ:

Առաջարկուած է որ Դուք եւս հրաւիրուիք որպէս անդամ Մասնաւոր Յանձնախումբին: Եւ Վարիչներու Ժողովը համաձայն գտնուած է այդ առաջարկին: Երեսուն ուրիշ անհատներ եւս հրաւիրուած են մասնակցելու:

Կը յուսանք որ Ձեզի համար կարելի կ’ըլլայ ամբողջապէս զօրավիգ կանգնիլ այս կարեւոր ձեռնարկութեան, որը մեծապէս կրնայ նպաստել Հ. Բ. Ը. Միութեան գործունէութեան եւ հայ ժողովուրդի ապագային:

Հաճեցէ՛ք փոխանցել Ձեր պատասխանը – որ կը յուսանք դրական պիտի ըլլայ – դոկտ. Բարսեղեանին:

 

Մնամ յարգանօք՝

Գ. Կիրակոսեան

 

*          *          *

 

[Նիւ Եորք,] 1 Ապրիլ 1977[clxxxix]

 

Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ, Լիբանան.

Սիրելի պր. Սիմոնեան,

Շնորհակալութեամբ ստացած ենք Ձեր 21 Փետրուար 1977 թուակիր նամակը, որով կարգ մը բացատրութիւններ կու տայիք լիբանանահայ մամուլին մէջ հրատարակուած Ձեր «Բաց Նամակ»ին մասին: Արդէն այդ նամակը յանձնուած էր մեր ուշադրութեան եւ ուրախութեամբ հաստատած էինք, թէ ճիշդ կերպով կը բնութագրէիք լիբանանահայութեան կարիքները:

Ձեր նամակին մէջ կամ անոր հրատարակութեան պարագաներուն շուրջ անպատեհ ոչինչ նկատեցինք:

Այս առնչութեամբ կատարուելիք միակ խորհրդածութիւնը հաւանաբար այն պէտք է ըլլայ որ Լիբանանի մեր գաղութը բախտն ունենայ շուտով կրկին ոտքի կանգնելու եւ իրականացնելու բոլոր այն ծրագիրները, որոնց անդրադարձած էիք Ձեր գրութեան մէջ, փոխանակ իր ակնկալութիւնները դէպի դուրս ուղղելու:

Լիբանանի հայ գաղութին այսօրուան վիճակը իսկապէս վիշտ կը պատճառէ մեզի. սակայն, ապագային, աւելի բախտաւոր օրերու, եթէ ան կարողանայ իրագործել Ձեր առաջադրած ծրագիրները՝ վստահաբար աւելի նուազ պիտի ազդուի այսպիսի աղէտներէ:

 

Լաւագոյն զգացումներով՝

[ստոր․՝ Ա․ Մանուկեան]

Ա. Մանուկեան

Նախագահ

 

*          *          *

 

[Նիւ Եորք,] 14 Մարտ 1978[cxc]

 

Մեծայարգ տիար Պ. Սիմոնեան,

Պէյրութ.

Հաճոյքով ստացանք ստորեւ նշանակուած հրատարակութիւնը, զորս բարեհաճած էիք նուիրել Հ. Բ. Ը. Միութեան Նիւ Եորքի Մատենադարանին:

Ձեր անունը արձանագրեցինք Մատենադարանի նուիրատուներու տոմարին մէջ:

Այս առթիւ ընդունեցէք մեր ջերմ շնորհակալութիւնը Մատենադարանի[ն] նկատմամբ ձեր ցոյց տուած ազնիւ ուշադրութեան համար:

 

Յարգանօք՝

[ստոր․՝ Նազիկ Պասմաճեան]

Նազիկ Պասմաճեան

Մատենադարանի պատասխանատու

 

(Կանաչներու Առասպելը)

 

*          *          *

 

19/14. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Յատուկ Յանձնախումբէն

 

Պէյրութ, 27 Յուլիս 1968[cxci]

 

Ազնիւ Տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Ծանօթ է ձեզի, թէ Միութեանս Կեդրոնական Վարչութիւնը նշանակած էր տոքթ. Վազգէն Բարսեղեանը ու դոկտ. Բերկրուհի Սվաճեանը իբրեւ ատենապետներ Յատուկ Յանձնախումբի մը, որուն նպատակը պիտի ըլլար ուսումնասիրել Հ. Բ. Ը. Միութեան կրթական ու մշակութային գործունէութիւններն ու կարիքները, ու Կեդր. Վարչութեան յանձնարարութիւններ ընել ի նպաստ այս մարզերուն բարեկարգման:

Ատենապետները, իրենց կարգին, ընտրած էին Յանձնախումբի անդամներ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հարաւային ու Հիւսիսային Ամերիկաներէն:

Ընտրուած գրեթէ բոլոր անձերը ազնուօրէն ընդունեցին այս պատասխանատուութիւնը խանդավառութեամբ: Անոնց հետ ցարդ հաղորդակցութիւնները կատարուած են թղթակցութեամբ ու հարցարաններու միջոցով:

Ընդհանուր հարցեր շօշափող Ա. հարցարաններուն արդիւնքը ներկայացուեցաւ ատենապետներուն կողմէ Կեդր. Վարչութեան՝ Նիւ Եորք, ուր համաձայնութիւն գոյացաւ Յատուկ Յանձնախումբի ջանքերուն կորիզը դարձնել Միջին Արեւելքը:

Անկէ ետք, մասնաւորաբար Բարեգործականի վարժարաններու տնօրէններուն ղրկուեցաւ նոր հարցարան մը, որուն պատասխանները ատենապետներուն ուսումնասիրութեան ենթարկուեցան:

Այն կարծիքն ունինք, թէ վերոյիշեալ երկու հարցարաններուն արդիւնքէն ետք, խորհրդակցական ժողով մը Միջին Արեւելքի անդամներուն հետ յոյժ կարեւոր է ու կրնայ ըլլալ արդիւնաբեր:

Դժբախտաբար, հակառակ եղած ջանքերուն, գլխաւորաբար ընտանեկան պարագաներու ստեղծած անակնկալով, կարելի պիտի չըլլայ երկու ատենապետներուն Միջին Արեւելք գտնուիլը նոյն ատեն: Տոքթ. Վ. Բարսեղեան կը յուսայ յառաջիկայ Օգոստոսի վերջաւորութեան ու Սեպտեմբերի սկիզբը ժամանակ յատկացնել Միջին Արեւելքին, անձամբ ծանօթանալ կացութեան, խորհրդակցելով Յանձնախումբի անդամներուն հետ:

Մինչ այդ, երկու ատենապետները համաձայնած են, որ խորհրդակցական ժողով մը գումարուի Դոկտ. Բ. Սվաճեանի ատենապետութեամբ, այս վերջնոյն մեկնումէն առաջ:

Ժողովին նպատակը պիտի ըլլայ քննել կրթական ընդհանուր հարցեր, մասնաւորաբար ի մտի ունենալով իւրաքանչիւր երկրի պետական թոյլտուութիւնը, զանազան երկիրներու հայ համայնքին կրթական ընդհանուր կացութիւնը, Բարեգործականի վարժարաններուն դերը, իւրաքանչիւր վարժարանի դերն ու կարիքները:

Այս ժողովը իրաւասութիւն պիտի ունենայ ներկայացնելու իր յանձնարարութիւնները Յատուկ Յանձնախումբի ընդհանուր անդամներուն, որոնք իրենց կարգին, կատարուած այս թելադրութիւնները իրենց վերջնական ձեւին մէջ պիտի ներկայացնեն, զոյգ ատենապետներուն միջոցով, Հ. Բ. Ը. Միութեան Կեդր. Վարչութեան:

Սոյն ժողովը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ, Երկուշաբթի, 5 Օգոստոս 1968, կ. ե. ժամը 4-ին, Հ. Բ. Ը. Միութեան Տան մէջ (Ս. Նշան եկեղեցւոյ դիմաց): Կը յուսանք որ Լիբանանէն դուրս գտնուող անդամներ եւս կարենան ներկայ ըլլալ այս ժողովին:

 

Յատուկ Յանձնախումբի ատենապետ

Դոկտ. Բերկրուհի Սվաճեան

[ստոր․՝ Բերկրուհի Սվաճեան]

 

Գործունէութիւնը եւ ծրագիրը Մասնաւոր Յանձնախումբին

Նշանակուած Հ. Բ. Ը. Միութեան Վարիչներու Ժողովէն[cxcii]

 

1.– Նպատակը

Դաստիարակչական, գիտա-հետազօտական եւ մշակութային հետաքրքրութիւնները կը պահանջեն խոշոր եւ աճող նուիրուածութիւն հայկական համայնքներէն, Հ. Բ. Ը. Միութենէն: Այս նկատի ունենալով է որ Հ. Բ. Ը. Միութեան Վարիչներու Ժողովը նշանակած է Մասնաւոր Յանձնախումբ՝ սերտելու կարելիութիւնները եւ առիթները, որոնք գոյութիւն ունին ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ յանձնարարելու ազդու գործելաձեւ եւ մեթոտներ, որով Հայկ. [Բարեգ․] Ընդհ. Միութիւնը կարենայ դուրս բերել մեր ժողովուրդի[ն] հարստութիւնները – հոգեկան – եւ կարող ըլլայ հասնելու դաստիարակչական եւ մշակութային պահանջքներուն եւ սոյն համայնքներու յառաջդիմութեան:

Սոյն նպատակին համար ստորագրեալները հրաւիրուած են կազմակերպելու եւ առաջնորդելու Մասնաւոր Յանձնախումբի[ն] գործը:

Այս վաւերագիրը կը ներկայացնէ սկզբնական ծրագիրները Յանձնախումբի աշխատանքին եւ նպատակ ունի Յանձնախումբի անդամները հրաւիրել եւ ծանօթացնել:

2.– Անդամակցութիւն Յանձնախումբի

Կ’ակնկալուին 20-ի մօտ գործօն[cxciii] անդամներ Մասնաւոր Յանձնախումբին, որոնք կու գան աշխարհի գլխաւոր գաղութներէն:

Յանձնախումբը կը ծրագրէ լաւագոյնս օգտուիլ Վարիչներու Ժողովի անդամներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջանային վարչական խումբերու գործակցութենէն:

Բոլոր անդամները եւ խորհրդատուները Մասնաւոր Յանձնախումբին առանց վճարումի կ’ակնկալուի որ ծառայեն, թէեւ կրնան ճամբորդական եւ այլ կարգի ծախսերը ստանալ, որոնք վաւերացուած ըլլան ատենապետի կողմէն: Համեստ գումար մը տրամադրուած է նման ծախսերու համար:

3.– Մօտաւոր ծրագիր ուսումնասիրութեան

Հետեւեալը թելադրուած է որպէս փորձառական ծրագիր, որ կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ, երբ լման Յանձնախումբին կազմը գոյանայ:

Ա.– Առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Մասնաւոր Յանձնախումբին, նախ գիտնալ տարբեր հետաքրքրութեան[ց] դասաւորումները, որոնք Յանձնախումբի ծիրին մէջ կ’իյնան:

Ամբողջական նախակրթական դպրոցները.

Երկրորդական դպրոց, որ արհեստներու եւ մասնաւոր գործի կը պատրաստէ.

Երկրորդական դպրոց, որ համալսարանի կը պատրաստէ.

Թեքնիքական հաստատութիւններ եւ կրտսեր գոլէճի մակարդակի պատրաստութիւն.

Պաքալորիայի մակարդակի ուսմունք.

Մագիստրոսի եւ աւելի բարձր մակարդակի ուսմունք.

Գեղարուեստից ուսում եւ այլ արուեստներու – թատերական, պար, երգ –

Համալսարանական ուսում մարզերու մէջ, որոնք մասնաւոր արժէք ունին հայկական գիտահետազօտութիւններու, աստուածաբանութեան, էնսթիթիւսիոններու եւ այլն.:

Մասնակի դասընթացքներ հայկական գիտութիւններու.

Պաշտօնավարող ուսուցիչներու պատրաստութիւն.

Չափահասներու եւ ուսումը շարունակել ուզողներու կրթութիւն.

Բ.– Վերեւ յիշուած իւրաքանչիւր դասաւորումին համար նաեւ պիտի յատկացուին հետեւեալ օժանդակութիւնները.

Տնտեսական օժանդակութիւն կրթաթոշակի եւ գիշերօթիկի ծախսերու.

Տնտեսական օժանդակութիւն դիւրութիւններ ընծայելու գիտական պրպտումներու համար. օգնութիւն գոլէճի եւ համալսարանի ուսմունքի համար.

Ընտրելու եւ առաջնորդելու նուիրուած դասագիրքերու եւ դասարանային ուսուցչական օգնական պիտոյքներու զարգացում.

Դասախօսական բրոկրամներու օժանդակութիւն. ճամբորդութեան բրոկրամներ. արուեստներու, արուեստագէտներու եւ մշակութային բրոկրամներու ճամբարներ:

Գ.– Վերը յիշատակուած դասաւորումով եւ օժանդակութեան ձեւերը ի մտի ունենալով, Յանձնախումբը – Վարիչներու Ժողովին օգնութեամբ – կրնայ դասաւորել հայկական գաղութները իրենց մասնաւոր պէտքերուն համաձայն. զոր օրինակ, այն համայնքները որ պէտք ունին նախակրթարաններու զօրացման՝ կը դասաւորուին տարբեր քաթէկորիի մը մէջ Միացեալ Նահանգներու պահանջքներէն:

Բարեգործականի անդամներու եւ Մասնաւոր Յանձնախումբի անդամներու օժանդակութեամբ, իւրաքանչիւր համայնքի մէջ Յանձնախումբը կը սկսի տեղեկութիւն հաւաքելու – ժողովուրդի, տնտեսութեան, ներկայ կրթական դիւրութիւններու մասին – որոնք կապ ունին ուսումնասիրութեան հետ: Ուր կարելի է, Յանձնախումբը կրնայ օգտագործել նոյն մեթոտները, որոնք կը գործածուին Միացեալ Նահանգներու հանրային դպրոցներու մէջ՝ քննելու Բարեգործականի դպրոցները տարբեր շրջաններու մէջ:

Դ.– Շատ չանցած՝ պատկեր մը պէտք է կազմուի, որով առաջնահերթ եւ անմիջական պէտքերը տարբեր հայկական գաղութներու հետ բաղդատած եւ Բարեգործականի կարելիութիւններուն հետ առնչուած պէտք է երեւան գան: Այս ժամանակաւոր ծրագիրը կրնայ ծառայել որպէս հիմ Բարեգործականի պաշտօնատարներու հետ խօսակցութեանց:

Ե.– Այս ընդհանուր պատկերին ի տես, Բարեգործականի գործունէութիւններն ալ նկատի առած, իւրաքանչիւր համայնքի համար Յանձնախումբը կրնայ աւելի մանրամասն վերլուծումը կատարել, ըստ իւրաքանչիւր համայնքի պէտքերուն:

Անկասկած որ բրոկրամը ձեւաւորելու, կարգ մը բաներ զեղչելու պէտքը զգացուի, որպէսզի գործունէութեան ծախսերը եւ ընդհանուր ծիրը Բարեգործականի տնտեսական կարելիութիւններու[ն] համապատասխան ըլլայ:

Զ.– Յանձնախումբը մասնաւոր ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ Բարեգործականի մասնաճիւղերու եւ կեդրոնական խումբերու կազմակերպչական հարցերուն, որոնք կապ ունին դաստիարակչական, գիտական եւ մշակութային երեւոյթներու տնօրինման [հետ] եւ որ այս ուսումնասիրութեան նիւթն են:

Է.– Երբ պատրաստ է, սկզբնական տեղեկագիր մը, կրնայ պատրաստուիլ եւ ներկայացուիլ Բարեգործականի Վարիչներու Ժողովին՝ միասնաբար խօսելու եւ փոխելու կրկնակ համաձայնութեամբ: Այս տեղեկագիրը պէտք է մանրամասնէ եզրակացութիւնները ուսումնասիրութեան, Յանձնախումբին յանձնարարութիւնները՝ գործնական քայլեր առնուելու համար Վարիչներու Ժողովի[ն] կողմէ:

Ը.– Երբ պատրաստ է վերջնական տեղեկագիրը, որ պէտք է ցոլացնէ նախ եւ առաջ վերլուծումը, եզրակացութիւնները եւ յանձնարարութիւնները Մասնաւոր Յանձնախումբին, կրնայ յանձնուիլ Բարեգործականի Վարիչներու Ժողովին գործականացնելու համար՝ եթէ յարմար տեսնուի: Վերջնական տեղեկագիրը պիտի հրատարակուի Բարեգործականի կողմէ եւ բաժնուի իր անդամներուն:

 

THE ROLE, FUNCTIONS AND PLAN OF

THE SPECIAL COMMITTEE APPOINTED

BY THE BOARD OF DIRECTORS OF THE

ARMENIAN GENERAL BENEVOLENT UNION

 

I– Objectives

Education, scholarship, and cultural interests require major and growing commitment on the part of Armenian communities and of the Armenian General Benevolent Union. In view of this the Board of Directors of the AGBU has appointed a Special Committee to study these interests and needs in relation to educational opportunities that are available to Armenian communities around the world, and to recommend effective policies and methods by which the AGBU can bring the full resources of the Armenian people to provide for the educational and cultural needs and progress of these communities.

To that end, the undersigned have been invited to organize and guide the work of the Special Committee.

This document represents the initial plans for the work of the Committee, and is submitted for the purpose of inviting membership with the Committee.

 

II– Membership of the Committee

There are expected to be about 20 active members of the Special Committee, drawn from the principal Armenian communities around the world.

The Committee plans to take full advantage of the cooperative support of the members of the Board of Directors, as well as of the various regional administrative groups.

All members and consultants of the Special Committee are expected to serve without renumeration. They may be reimbursed for travel and incidental expenses authorized by the Chairman. A modest sum of money has been allotted to cover such costs.

 

III– Tentative Plan for the study

The following is suggested as a tentative plan, subject to revision when the full Committee has been appointed and can consider it in detail.

A- The first task for the Special Committee might be to identify the categories of interest to be included in the Committee’s scope:

Elementary Schools for full time study,

Secondary school training that prepares for vocation,

Technical institute and junior college level training,

Baccalaureate level studies,

Graduate level studies,

Education for the fine arts and performing arts,

University study in fields that have especial value for Armenian scholarship, theology, institutions, etc. Part time instruction in Armenian studies,

In-Service training for teachers. Adult, continuing education.

B- For each of the above there would be identified also the following services and support:

Financial support for tuition and living costs,

Financial support for facilities,

Scholarship and fellowship support for college and university study,

Selection and guidance services,

Development of textbooks, teaching aids,

Support of lecture programs, travel and exchange programs, the arts, artists, cultural programs, camps.

C- With the above categories and support services in mind, the Committee (aided by members of the Board of Directors) can proceed to categorize the Armenian communities according to special needs. (For example, the communities that need support of elementary schools would be considered in a different category from those in the United States).

With the support of the AGBU members and Committee members in each of the identified communities, the Committee can proceed to collect information (on populations, economics, available educational facilities, etc.) pertinent to study.

Where feasible, the Committee can utilize the same methods that are used in public schools in the United States, for analysis of the existing AGBU schools in other areas.

D- Before long there should emerge a picture of the priority and emphasis that should be assigned to the needs of the various Armenian communities, in comparison with each other and in relation to AGBU capabilities. This tentative plan can provide a basis for discussions with AGBU officials.

E- With this general picture in view, along with the specific AGBU functions envisioned for each community, the Committee can proceed to make more detailed analysis of the needs of each community.

Undoubtedly there will be need to trim down the program to bring the scape, the functions, and the costs to the AGBU to be within the financial capabilities of the AGBU.

F- The Committee will have to give considerable attention to the organizational problems of AGBU branch and central groups having to do with the administration of the educational, scholarship, and cultural aspects and functions that are the subject of this study.

G- When ready, a preliminary report can be prepared to submit to the AGBU Board of Directors for joint discussion and possibly modification by mutual agreement. This report should outline in detail the findings and conclusions of the study, the recommendations of the Committee with respect to action that it needs on the part of the Board of Directors, and fairly detailed outline of steps that can be taken by the Board to implement the recommendations.

H- When ready, the final report, which must reflect primarily the analysis, conclusions and recommendations of the Special Committee, can be submitted to the AGBU Board of Directors and implementation as they see fit. The final report will be published by the AGBU and made available to its membership.

 

Pergrouhi N. Svajian, Co-Chairman

  1. L. Parsegian, Chairman

 

cg

Addresses: Dr. Pergrouhi N. Svajian

524 3rd Street

Brooklyn, New York 11215 U. S. A.

Tel. (212) 508-2089

 

Professor V. L. Parsegian

Brunswick Hills, Route 57

Troy, New York 12180 U. S. A.

Home tel. (518) 274-4526

Office tel. (518) 270-6439

 

*          *          *

 

 

19/15. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանէն

 

[Պէյրութ,] 6 Դեկտեմբեր 1968[cxciv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Հ. Բ. Ը. Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանը ծրագրած է այս տարի կազմակերպել մեծարանքի հաւաքոյթ մը ի պատիւ լիբանանահայ գրագէտներուն:

Ուստի, պիտի խնդրէինք Ձեզմէ որ բարի ըլլայիք մեզի հասցնել, ամէնէն ուշը մինչեւ 28 Դեկտեմբեր 1968, Ձեր համառօտ կենսագրութիւնը, Ձեր մէկ նոր լուսանկարը եւ Ձեր կողմէ լաւագոյն նկատուած գործերէն նմոյշ մը:

Այս առթիւ պատրաստուած է մեր աշակերտութիւնը հետաքրքրող հարցարան մը, որուն պիտի անդրադառնանք մեր հաւաքոյթին: Կը ներփակենք օրինակ մը:

Այլ մանրամասնութիւններ կը տեղեկացնենք Ձեզի ժամանակին:

 

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յարգանքներով՝

[ստոր․՝ Ա․ Թօփճ]

Ա. Թօփճեան

Տնօրէն

[Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

Հ. Բ. Ը. Մ.Ի ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ-ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄԱՆՉԵՐՈՒ ԵՐԿՐ․ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Մորիս Պարես փողոց – Պէյրութ

  1. G. B. U. HOVAGIMIAN-MANOUGIAN SECONDARY SCHOOL FOR BOYS
  2. O. Box 715, Beirut (Lebanon), Tel. No. 230195

 

[Հըրշ Թապեթ – Լիբանան,] 27 Փետրուար 1991[cxcv]

 

Սիրելի Պէպօ,

Բարեւ: Կը խորհիմ թէ կը յիշես խոստումդ: Կը վերաբերի Փասթերնաքին: Ե՞րբ կրնամ ունենալ խոստացուած յօդուածդ: Արդէն կը կազմեմ 1990-ի թիւ 10-12 միացեալ թիւը, որուն յօդուածներուն մէկ երրորդը շարուած է:

Մ. Իշխանին թիւը անցեալ շաբաթավերջին լոյսին եկած պիտի ըլլար: Տպագրական մամուլը խանգարուած ըլլալուն՝ քանի մը օրով պիտի ուշանայ:

Գրութիւնդ քանի մը օրէն կը ստանա՞մ…

 

Յաջողութիւն՝

[ստոր․՝ Ժիրայր][cxcvi]

 

*          *          *

 

[Հըրշ Թապեթ – Լիբանան,] 12 Յունիս 1991[cxcvii]

 

Սիրելի Պէպօ՛,

ա. Պրն. Յակոբ Ալթունեանը կարեւոր հարցի մը համար կ’ուզէ հանդիպիլ Ազատուհիին:

Պրն. Ալթունեանը ամէն օր մինչեւ կէսօրուան ժամը 2-ը կը գտնուի Ապրոյեան հաստատութեան իր գրասենակը: Արդեօ՞ք շաբաթ առաւօտ յարմար է Ազատուհիին համար:

բ. «Շիրակ»ի աշխատանքները կը շարունակուին: Պատրաստ է 1991-ի թիւ 1-2ը, նուիրուած Գերսամ Ահարոնեանին: Այժմ պատրաստութեան մէջ է թիւ 3-4ը: Ի՞նչ կը ծրագրես, ինչի՞ վրայ կ’աշխատիս: Աշխատակցութիւնդ, գիտես, որքա՜ն կը գնահատեմ:[cxcviii]

Սիրով՝

[ստոր․՝ Ժիրայր]

 

*          *          *

 

[Հըրշ Թապեթ – Լիբանան,] 18 Մայիս 1992[cxcix]

 

Սիրելի Պէպօ,

Վերջապէս «Շիրակ»ը սկսաւ շարժիլ: Ուշադրութեամբ սրբագրէ՛ գրութիւնդ: Վերջին սրբագրութիւն մըն ալ ես կ’ընեմ:[cc]

Կը ցաւիմ որ վերջին զոյգ ձեռնարկներուդ չկարողացայ ներկայ ըլլալ:

 

Տեսնուելու, հանդիպելու հեռանկարով՝

[ստոր.` Ժ. Դանիէլեան]

 

*          *          *

 

19/16. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանէն

 

  1. G. B. U. BOGHOS K. GARMIRIAN SCHOOL
  2. O. Box 715 Beirut, Tel. 413933 Antelias – Lebaonon

Հ. Բ. Ը. Մ.Ի ՊՕՂՈՍ Գ․ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Անթիլիաս – Լիբանան – Հեռ․՝ 413933

 

Անթիլիաս, 6 Մարտ 1995[cci]

 

Մեծայարգ պրն. Պէպօ Սիմոնեան,

Շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր հեղինակութիւնը եղող «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» գիրքէն վեց օրինակ, տարուան ընթացքին եւ ամավերջի հանդէսին իբր մրցանակ-նուէր աշակերտներուն տրուելու համար:

Ձեր մշակութային, գրական, հասարակական ու կրթական երախտաշատ աշխատանքին շարունակութեան եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝

 

Տնօրէնուհի

[ստոր․՝ Ա․ Ճանճանեան]

Անժել Ճանճանեան

[Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Պօղոս Գ․ Կարմիրեան Վարժարանի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

19/17. Հ. Բ. Ը. Մ.ի Վեթերաններու եւ Բարերարներու Համախմբումէն

 

Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Հեռ․ 522842/3

 

Պէյրութ, 29 Մարտ 1999[ccii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Այսու կու գանք ուրախութեամբ յայտնելու թէ առ ի գնահատանք Ձեր քսանամեայ անդամակցութեան, այս տարի Դուք պիտի ստանաք Հ. Բ. Ը. Միութեան վեթերանութեան վկայականը:

Յարգելի վեթերան անդամ, կ’ուզենք Ձեզ տեղեակ պահել թէ վեթերանական վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Ապրիլ 1999-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հ. Բ. Ը. Մ.ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ա. յարկի հանդիսասրահին մէջ, Անթիլիաս:

Դուք հրաւիրուած էք այդ օր պաշտօնապէս ստանալու Հ. Բ. Ը. Միութեան վեթերանի Ձեր վկայականը:

 

Մնանք յարգանքներով՝

Հ. Բ. Ը. Միութեան

Լիբանանի Վեթերաններու եւ Բարերարներու Համախմբումի

 

Ատենադպիր                                                Ատենապետ

[անընթեռնելի ստոր․]                                [անընթեռնելի ստոր․]

Շահէ Պապահէքեան[cciii]                              Յակոբ Պոտրումեան[cciv]

[թանաքը թոյլ հաւկթաձեւ կնիք]

 

ԹԼՄ

Diploma99

 

*          *          *

 

 

  1. Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն

 

Armenian Benevolent Educational Union

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

  1. O. Box 756, Beirut – Lebanon, Phones: 238247 and 292634

 

Պէյրութ, 12 Յունիս 1978[ccv]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի,

Աստ.

Սիրելի պրն. Պէպօ,

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան Կեդրոնական Մարմինը գնահատելով Ձեր երեք տարուան գործունէութիւնը Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճէն ներս, երեք նոր տարիներու համար եւս կը հրաւիրէ Ձեզ տնօրէնութեան պաշտօնին, Ձեզի մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն:

Հաճեցէ՛ք ներկայացնել նոր շրջանի Ձեր պաշտօնավարութեան պայմաններն ու առաջադրանքները:

 

Ատենադպիր՝                                               Ատենապետ՝

[ստոր․՝ ՕՃամպուլեան]                            [Վահրիճ]

Օննիկ Ճամպուլեան                                   Վահրիճ Ճերեճեան

[Երկու անուններուն միջեւ՝ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն ամբողջական անուններով, առանց շրջանագիծի կնիք]

 

*          *          *

 

Armenian Educational Benevolent Union

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

Beirut/Պէյրութ, 15 Օգոստոս 1986[ccvi]

 

Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Հ. Կ. Բ. Մ.ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,

Աստ.

Կեդրոնական Մարմինս ատենապետին՝ տոքթ. Արշակ Գազանճեանին հետ Ձեր կատարած՝ Ա. Մ. Նահանգներ եւ Գանատա ճամբորդութեան շուրջ Ձեր ներկայացուցած գրաւոր զեկոյց-տեղեկագրէն ուրախութեամբ իմացանք թէ ուր որ գտնուած էք, տարած էք կորովի եւ արդիւնաւոր աշխատանք, ըլլայ Հ. Կ. Բ. Մ.ի, մասնաճիւղերու հիմնադրութեան գծով, ըլլայ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի ի նպաստ հիմնադրամ մը ստեղծելու համար:

Կը յուսանք ի մօտոյ դրական եւ շօշափելի արդիւնքի մը բարիքները վայելել ի նպաստ մեր տառապակոծ պէյրութահայութեան եւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան:

Առ այդ, հաճեցէ՛ք ընդունիլ Կեդրոնական Մարմնոյս մասնաւոր շնորհակալութիւնները Ձեր տարած յոգնատանջ աշխատանքին համար:

 

Ի դիմաց

Հ. Կ. Բ. Մ.ի Կեդրոնական Մարմինի՝

Ա. դպիր՝                                           Փոխ Ա.պետ՝

[ստոր․՝ Զ․ Ղարիպեան][ccvii]                       [ստոր․՝ Տօնիկեան]

Զաւէն Ղարիպեան             Փարամազ Տօնիկեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն անուններով ու միութեան տարբերանշանով կլոր կնիքը]

 

  1. O. Box 11-4958 Beirut – Lebanon Telex: 21217 LE Phones: School: 262726 Adm.: 263138

 

*          *          *

 

Armenian Educational Benevolent Union

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ  ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Համար՝ 5-92                                                 Beirut/Պէյրութ, 27 Հոկտ[եմբեր] 1992[ccviii]

 

Պատուարժան Տնօրէնութիւն Հ. Կ. Բ. Մ.ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,

Սին էլ-Ֆիլ.

Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Կարդալով Ձեր 17 Յունիս 1992 թուակիր տեղեկագիրը, Հ. Կ. Բ. Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ուսումնասիրեց Ձեր ներկայացուցած հարցերը եւ ստորեւ կը յայտնէ իր ամփոփ կարծիքը:

Վարչութիւնս որոշեց ուսուցիչներու ամսականներու յետնեալ պարտքը վճարել Նոյեմբեր 1992-ի վերջաւորութեան:

Ժողովը ստանձնած է ուսուցչաց հատուցման պետական սնտուկի անդամագրութեան հետապնդումը:

Վարչութեանս Խնամակալութեան Յանձնաժողովը արդէն իսկ կը հետապնդէ հերթապահի հարցը:

Դպրոցի աշակերտութեան թիւը Վարչութեանս համար ալ գոհացուցիչ չըլլալով, Վարչութիւնս 92-93 տարեմուտէն առաջ աշխատանք տարաւ աշակերտութեան թիւը աւելցնելու գծով: Այս աշխատանքը պիտի շարունակուի յառաջիկային: Աւելցնենք նաեւ թէ 92-93 տարեշրջանին Սահակ-Մեսրոպեան Ազգային Վարժարանը փակուելով կը յուսանք մեր Գոլէճին աշակերտութեան թիւը աճ արձանագրէ:

Գոլէճիս օթօքարներու դժուարայարոյց[ccix] հարցը լուծումի մը բերելու համար Վարչութիւնս կը մտածէ եղած նախկին ֆոնտը կեանքի կոչել ու սեփական օթօքարներու թիւը աւելցնել:

Դպրոցի մաքրութեան հարցը պէտք եղած չափով գոհացուցիչ չէ, որուն մասին Վարչութիւնս քանիցս անգամներ լուծումներու մասին մտածած է: Միջանկեալ կ’ուզենք յիշեցնել թէ Վարչութիւնս գրաւոր եւ բերանացի գանգատներ ստացած է զանազան կողմերէ ու վարչութիւններէ պրն. Յովսէփի՝ «Ապու Ապտոյի» ընդհանուր կեցուածքին նկատմամբ: Բայց այս անգամ ալ հարցը իր լուծումին հասաւ գործը բաժնելով տէր եւ տիկին Նալպանտեաններու[ն] միջեւ:

Գոլէճի շէնքին ներքնայարկը մօտ ատենէն պիտի պարպուի եւ կը կարծուի թէ մասնաւոր ծրագիր մը գոյութիւն ունի որը նպաստաւոր պիտի ըլլայ թէ՛ Գոլէճիս եւ թէ՛ «Արարատ» օրաթերթին համար:

Յատուկ կանոնագրութիւն մը ուղարկուեցաւ մեր շրջանակին եւ բոլոր միաւորներուն եւ կեդրոններուն՝ Գոլէճի շրջափակի եւ շէնքի գործածութեան գծով:

Վարչութեանս գլխաւոր եւ մնայուն օրակարգերէն մէկն է դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռելու կենսական հարցը, եւ այդ ուղղութեամբ ալ Վարչութիւնս իր կազմութեան օրէն սկսեալ եւ շարունակաբար կը հետապնդէ այս յոյժ կարեւոր գործը:

Խնամակալութեան կազմութեան համար նոր անդամներու հրաւէր ուղարկուած է, որոնք իրենց առաջին հանդիպումը Վարչութեանս հետ պիտի ունենան Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 1992-ին:

Վարչութիւնս մեծապէս կը գնահատէ Ձեր անցեալի տնօրէնութեան ժամանակաշրջանին ունեցած բարոյական կեցուածքը Գոլէճիս գոյատեւման ի նպաստ, մանաւանդ թղթակցութեանց, հերթապահութեան, բարերարներու հետ նամակագրութեան եւ «Ուսանող» տարեգիրքի խմբագրութեան գործերու նկատմամբ:

Յաջողութիւն մաղթելով Ձեր կրթական եւ վարչական բարեբեր գործունէութեանց, մնանք յարգալիր բարեւներով,

 

Հ. Կ. Բ. Մ.ի

Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Ատենադպրուհի՝                                        Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Հ․ Ճերեճեան]                               [ստոր․՝ Տօնիկեան]

տիկին Հուրի Ե. Ճերեճեան                      Փարամազ Կ. Տօնիկեան

[Երկու անուններուն միջեւ՝ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն բառերով առանց շրջանագիծի կնիքը]

 

  1. O. B․ 11-4958 Beirut – Lebanon Telex: c/o GEDFIL 43486LE Phones: Adm.: 443 971 School: 492 726

 

*          *          *

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Համար Գ-24-գ-93                                        Beirut/Պէյրութ, 30 Ապրիլ 1993[ccx]

 

Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Հ. Կ. Բ. Մ.ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,

Աստ.

Ստացած ենք Ձեր 20 Ապրիլ 1993 թուակիր նամակը, որուն մէջ կը յիշէք Հ. Կ. Բ. Մ.ի անդամակցութեան եւ հանգանակութեան ի նպաստ աշակերտութեան մօտ ստեղծուած հետաքրքրութեան համար:[ccxi]

Կը մաղթենք որ այս աւանդութիւնը տարուէ տարի շարունակուելով ծաւալ ստանայ եւ վարակիչ դառնայ մեզի համակիր կրթական օճախներու եւ մշակութային միութեանց մօտ:

Ուրախ ենք որ ճիգ չէք խնայեր ըլլայ ուսուցչական կազմէ ներս, պաշտօնէութեան մօտ թէ աշակերտութեան, անդամակցելու՝ Հ. Կ. Բ. Մ.ին:

 

Յաջողութիւն մաղթելով Ձեր ազգօգուտ գործունէութեան,

ի դիմաց

Հ. Կ. Բ. Մ.Ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                                  Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Հ․ Ճերեճեան]                               [ստոր․՝ Տօնիկեան]

տիկին Հուրի Ե. Ճերեճեան                      Փարամազ Կ. Տօնիկեան

[Երկու անուններուն միջեւ՝ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն բառերով առանց շրջանագիծի կնիքը]

 

Յ.Գ.– Ներփակ թիւ 1546 ստացագիրը՝ 121000 լիբ. ոսկիի:

Շնորհակալութիւն

 

*          *          *

 

 

  1. Հայկական Հանրագիտարանի Գլխաւոր Խմբագրութենէն

 

Հ․ Հ․[ի] Նախարարների Խորհրդին Առընթեր Մամուլի Կոմիտէ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆ

ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ


  1. Երեւան. Թումանեան 17

Հեռ. 52-43-41 Nº Գխ.18

 

[Երեւան,] 5 Ապրիլ 1993[ccxii]

 

Սահակեան-Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէն

Պ-ն Պէպօ Սիմոնեանին

Մեծարգոյ պ-ն Սիմոնեան,

Հայկական հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագրութիւնը հրատարակութեան է պատրաստում «Հայկական սփիիւռք» հանրագիտարանը: Մեր այս նոր հանրագիտարանի մասին Դուք պատկերացում կստանաք ծանօթանալով սոյն նամակի հետ ներկայացուող տեղեկանքին:

Գլխաւոր խմբագրութիւնը խնդրում է Ձեզ հեղինակել երկու յօդուած (1. Հայ կրթական բարեսիրական միութիւն, 2. «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւն), որոնք նախատեսուած են նշուած հանրագիտարանի երկրորդ բաժնի համար: Իւրաքանչիւր յօդուածի ծաւալը՝ 2-3 մեքենագիր էջ: Մենք տրամադրում ենք Ձեզ նաեւ խմբագրութեան կողմից մշակուած նման յօդուածների կառուցուածքը, որը կ’օգնի Ձեզ մեր խնդրանքը կատարելու գործում:

 

Կանխօրօք շնորհակալութեամբ՝ [ստոր․՝ ԿԽուդավ]

Պրոֆ. Կոստանդին Խուդավերդեան[ccxiii]

Հայկական Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր

 

Յօդուած սփիւռքահայ միութեան, ընկերութեան մասին[ccxiv]

  1. Անուանում (լրիւ եւ կրճատ)
  2. Սահմանում, ստեղծման տեղը եւ ժամանակը, նպատակները:
  3. Ում նախաձեռնութեամբ (անձնաւորութեան կամ կազմակերպութեան) եւ ինչ իրավիճակում է ստեղծուել:
  4. Գործունէութեան հիմնական շրջանները եւ համառօտ բնութագիրը: Անդամների եւ աջակցողների թիմը (եթէ հնարաւոր է):
  5. Վերացման (վերակառուցման) ժամանակը եւ պատճառները: Եթէ տուեալ միութիւնը ներկայումս գոյութիւն ունի, ապա նշւում է նրա այժմեան վիճակը, գործունէութեան վայրը եւ ընդգրկումը, ղեկավարութիւնը, տպագիր օրկանը եւ այլն:
  6. Տուեալ միութեան կամ ընկերութեան դերը հայ մշակոյթի (նաեւ հայապահպանութեան) գործում:

 

«ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔ»[ccxv]

ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԻ ԲՆՈՅԹԸ ԵՒ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԸ

 

«Հ. Ս. համապարփակ հանրագիտարան է հայկական գաղթավայրերի ու սփիւռքի մասին: Նպատակն է ներկայացնել հայ գաղթավայրերի ու համայնքների պատմութիւնը հիմնադրումից մինչեւ մեր օրերը:

Հանրագիտարանում նախատեսւում են հետեւեալ բաժինները.

  1. Ներածութիւն
  2. Ընդհանուր բառ-յօդուածներ
  3. Համայնքների պատմութիւնը ըստ երկրների

1-ին բաժնում տրւում է պատմա-տեսական ակնարկ գաղթավայրերի, ապա սփիւռքի առաջացման մասին:

2-րդ բաժնում են համասփիւռքեան նշանակութեան բառ-յօդուածներ:

3-րդ բաժնում ներկայացւում են սփիւռքահայ համայնքները ըստ երկրների՝ այրբենական կարգով:

Իւրաքանչիւր համայնքին նուիրուած յօդուածը ունի հետեւեալ կառուցուածքը.

  1. Պատմական ակնարկ
  2. Հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններ, միութիւններ, ընկերութիւններ
  3. Եկեղեցի
  4. Դպրոց
  5. Մշակոյթ
  6. Մամուլ

 

[ստոր․՝ Կ. Խուդավ]

 

*          *          *

 

 

  1. Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան տարբեր մարմիններէն

 

22/1 Ն Ս Մ Մի Գանատայի մասնաճիւղէն

 

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

NOR SEROUNT ARMENIAN CULTURAL ASSOCIATION OF CANADA

 

[Թորոնթօ, հաւանաբար 1993][ccxvi]

 

Սիրելիներ Պէպօ ու Ազատուհի Սիմոնեաններ,

Պէյրութ.

Իբրեւ ուսուցանողներ վստահ եմ մեծ համբերութեամբ կը տոկաք կեանքի դժուարութիւններուն ու մարդոց անազնիւ վերաբերմունքին որը ինձմէ կը սկսի. ամէն անգամ որ առիթի սպասեմ ու քանի մը տող մրոտեմ՝ չեմ յաջողիր: Շաբթուայ 7 օրը, Կիրակին ալ մէջը, թաղուած եմ հոս՝ Թորոնթոյի ակումբին մէջ. թերթ-հեռաձայնային հաղորդում-թելէֆաքս զանազան շրջաններ. պէտք ունինք խմբագիր քարտուղար ու բլանթօն[ccxvii] պաշտօնեայ: Միայն քանի մը օրով որ քաղաքէն դուրս երթամ, աչքս ետիս կը մնայ: Վստահ եմ՝ վերադարձիս ամէն ինչ դիզուած պիտի գտնեմ:

Ուրեմն, սիրելինե՛ր, նախ ներողութիւն ձեզ[ի] չգրելուս ինչպէս քիչ առաջ Տիգրանին[ccxviii] ալ գրեցի, իսկ եթէ առիթը ունենամ՝ ընկ. Նայիրիին պիտի գրեմ:

Ուզեցի աշխատանք տանիլ ու քանի մը աշակերտներ որդեգրել Սահակեան Գոլէճի համար: Խօսեցայ բարեկամներու: Կը յուսամ այս տարի օգտակար ըլլալ ու քանի մը հարիւրով սկսիլ: Երբեմն «Արարատ» երբ ստանամ ակումբին մէջ ու օգտուիմ Ձեր յօդուածներէն, կամ «Երիտասարդ Հայաստան»ին մէջ արտատպում ընելու ստիպուած կ’ըլլամ, որուն համար շնորհակալութի՛ւն, Պէպօ Ճան:[ccxix]

Տիկինս կրնայ կոր տոկալ իմ տունէն բացակայելուս, սակայն դժգոհը մայրս է: Տղաս, կ’ըսէ, օր մըն ալ իմ քովս նստէ՛: Ան ալ առանձնութենէ կը տառապի. հիմա արդէն իսկ 94 տարեկան է:

Գալուստը, Այտան[ccxx] հիանալի գործ կը կատարեն ու լուրջ գործակցութիւն ցոյց կու տան թերթին: «Լուսաբաց Հայրենի Լուրերուն» շաբաթօրեակ է.[ccxxi] մեծ ընդունելութիւն ունի ժողովուրդին կողմէն: Աբիկը մեր տնտեսական նախարարն է, ու պանքայի գործերը ձեռնհասօրէն կը կատարէ: Ռոզիկը՝ Աբիկին կինը[ccxxii] մեր հեռաձայնային լուրերուն խօսնակն է:

Ընկերուհի Նազիկը[ccxxiii] պաշտօնի անցած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին (Հայր Աբէլ Օղլուքեանի[ccxxiv] հովւութեան), առաջուայ պէս չի կրնար օգտակար ըլլալ: Հիմա որ առանձին յարկաբաժին վարձած է ու Շողիկէն[ccxxv] զատ է, վստահ եմ՝ չափէն աւելի կը յոգնի եկեղեցւոյ գործերուն մէջ:

Ի՞նչ ջուրի են մեր երիտասարդ ընկերները: Նկարները կը դիտեմ ու բոլոր յոգնութիւններս, ջիղերս կը հանդարտին երբ վստահ եմ որ տակաւին [կան] մեզ փոխարինողներ: Հոս մենք զուրկ ենք: Ուժ եւ կարողութիւն, սէր ու յարգանք ծնողաց:

Ի՞նչ կը մտածէք դէպի մեր կողմերը այցելելու [մասին], Պէպօ՛: Այս անգամ ցերեկով կրնանք «Նիակարա» այցելել: Սա ալ մեր ճիտին պարտքը կ’ըլլայ Ձեզ առաջնորդել:

Տիկինս՝ Նուարդը, մեր տան սիւնը ըսեմ, քանի որ ան է աշխատողը իսկ ես ծախսողը, ու աղջիկս, որ արդէն B-ի հասաւ իր դպրոցով ու Հիւսիսային Ամերիկայի միւզիքով, դպրոցէն վերջ բարձր եղանակներով միայն տան անդորրը կը խանգարէ: Ալ ինչ ըսեմ, ողջ առողջ ենք ու կարօտցած մեր ընկերներուն ու հարազատներուն:

Համբոյրներ ձեզի:

 

[ստոր.՝ Պետրոս Մուշեան]

 

HOMENMEN – NOR SEROUNT

174 Shropshire Drive, Scarborough, Ont. M1P 1Z5 Tel. 1-416-285-6982

 

*          *          *

 

22/2 Ն Ս Մ Մի Գալիֆորնիոյ մասնաճիւղէն

 

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

NOR SEROUNT CULTURAL ASSOCIATION

1060 N. Allen ave., suite 202, Pasadena, CA 91104

 

Լոս Անճելըս, 6 Օգոստոս 1991[ccxxvi]

 

Սիրելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան տարբեր շրջաններու մասնաճիւղերու գործունէութիւններն առաւել ներդաշնակ ձեւով կազմակերպելու անհրաժեշտութիւն[ը] հետզհետէ աւելի զգալի դարձած է:

Մշակութային գործունէութիւնները համակարգող եւ նորանոր նախաձեռնութիւններ յղացող կեդրոնական, համագաղութային, այլեւ համասփիւռքեան վարչութիւն մը պէտք է գոյութիւն առնէ յառաջիկայ համագումարի ընթացքին: Պէտք է ունենայ յատուկ կանոնագրութիւն: Բոլոր շրջանային վարչութիւնները հաշուետու պէտք է ըլլան ստեղծուելիք Կեդրոնական Վարչութեան, ճիշդ յար եւ նման Հ. Կ. Բ. Մ.ին:

Ատենն է նաեւ որ Մայր Հայրենիքի մէջ եւս ըլլանք մշակութային ներկայութիւն: Այլ կազմակերպութիւններ ունեցան իրենց խորհրդանշական ներկայութիւնը եւ ահագին աղմուկ հանեցին: Մեր տեղը ո՞ւր է այս բոլորին մէջ: Կ’արժէ մտածել եւ գործնական քայլեր առնել այս մասին:

 

Յաջողութեան մաղթանքներով՝

Գաբրիէլ Մոլոյեան

[ստոր․՝ ԳՄոլոյեան]

Ատենապետ Գալիֆորնիոյ Ն. Ս. Մ. Մ.ի

 

*          *          *

 

Լոս Անճելըս, 6 Օգ[ոստոս] 1991[ccxxvii]

 

Անձնական

 

Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,

Ձեռքս առաջ չ’երթար, որ երկու յաջորդական նամակներս ալ տխուր առիթներով գրուէին:

Արդարեւ, վաղամեռիկ Գրիգորի[ccxxviii] մահուան առթիւ Յունաստանի մէջ ընկ. Նորայր Խաչատուրեանի ձեռամբ նամակ ղրկեցի (թէեւ՝ աւելի կանուխ պէտք էր ըլլար, սակայն տեղւոյդ քաղաքական իրավիճակի[ն] բերումով յապաղում ունեցաւ):

Տակաւին Ձեզմէ գրութիւն մը չստացած՝ ահաւասիկ այլ նամակով մը այս անգամ կու գամ դարձեալ վշտակցելու սիրելի Ազատուհիին իր հարազատ քրոջ՝ Մարիին[ccxxix] մահուան առիթով: Օրին՝ փութացի յուղարկաւորութեան, եւ՝ տեղւոյն վրայ, դամբանականով, իմ եւ շրջանակի[ն] վշտակցութիւնները յայտնեցի անակնկալ հարուածին առթիւ: Նմանապէս, այստեղ ներկայ եղայ իր մահուան քառասունքին առթիւ կազմակերպուած հոգեհանգիստին եւ հոգեճաշին:

Իմ, Մարիայի եւ հարազատներու անունով կրկին իմ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ Հերոս Մարիի անժամանակ մեկնումին առթիւ: Երկնային մխիթարութիւն Ձեր բոլորին: Առաւել բազմապատկուած երկար եւ անվիշտ տարիներ Ձեր ընտանիքի բոլոր սիրասուն անդամներուն:

 

Վշտակցութիւններով՝

Գաբրիէլ եւ Մարիա Մոլոյեան

 

*          *          *

 

22/3 Ն Ս Մ Մի Լիբանանի մասնաճիւղէն

 

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ                              UNION CULTURELLE ARMENIENNE

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ                           NOR SEROUNT

Փոստարկղ 80641                                                    B. P. 80641

Պէյրութ – Լիբանան                                                            Beyrouth – Liban

 

Պէյրութ, 28 Յուլիս 1988[ccxxx]

 

Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Նկատի ունենալով Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի մէջ Վերակառուցման եւ Հրապարակայնութեան այժմէութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, Նոր Սերունդ Մշակ. Միութեան Վարչութիւնը որոշեց կազմակերպել հրապարակային ասուլիս մը:

Սոյն ասուլիսի գլխաւոր թեմային շուրջ կատարուած են հետեւեալ բաժանումները:

Ա.– Քաղաքատնտեսական բաժին.– Ընկ. Վահրիճ Ճերեճեան

Բ.– Մշակութային բաժին.– Ընկ. Պէպօ Սիմոնեան

Գ.– Ազգային պատմական բաժին.– Ընկ. տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան

Ձեզի սահմանուած նիւթը պիտի ջանաք ներկայացնել առաւելագոյն[ը] 15 վայրկեաններու սահմանին մէջ, որմէ ետք առիթ պիտի տրուի ներկաներուն հարցումներ ուղղելու:

Վարչութիւնս, սոյն ձեռնարկը որոշած է կազմակերպել Երեքշաբթի 16 Օգոստոս 1988-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի շրջափակին մէջ:

Յոյսով ենք, որ պիտի ընդառաջէք մեր այս հրաւէրին:

 

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝

Նոր Սերունդ Մշակ. Միութեան

Վարչութիւն

Ատենադպիր՝                       Ատենապետ ՝

[ստոր․՝ Ա․ Ալթունեան]    [ստոր․՝ ԿՊ]

Ազնիւ Ալթունեան               Կարօ Պաղսարեան

[Շրջանաձեւ՝ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի ամբողջական անունով, իսկ կեդրոնը միութեան անուան յապաւումով միայն հայերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

[Պէյրութ,] 1 Սեպտեմբեր 1992[ccxxxi]

 

Ստացագիր

 

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան արխիւները,– ինչ որ Պէպօ Սիմոնեանի ատենապետութեան եւ դիւանապետի պաշտօնավարութեան շրջանը կ’ընդգրկէ (1966-1975),– տոմս, թղթակցութիւն, մամուլի արձագանգ, ստացուած եւ ղրկուած նամակներու պատճէններ, որոնք իր միջոցաւ պահուած են պատմութեան համար, կը փոխանցէ այժմու վարչութեան 1992, փոխան սոյն ստացագրին:

 

Ստանձնողներ՝

Օր. Ազնիւ Ալթունեան [ստոր․՝ Ազնիւ Ալթունեան]

Օր. Մաքրուհի Երկանեան [ստոր․՝ Մ․ Երկանեան]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 25 Դեկտեմբեր 1998[ccxxxii]

ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան

 

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, ինչպէս Սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօճախներու, այնպէս ալ Լիբանանի մէջ, մշակութային աւանդութիւններ ունեցող կազմակերպութիւն է եւ իր կարեւոր լուման ներդրած է մշակոյթի ամենատարբեր բնագաւառներու: Գրական, թատերական, երաժշտական, պարարուեստի ծիրէն ներս արձանագրուած են լուրջ նուաճումներ:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը հիմնուած է Պէյրութ, 1950-52 թուականին: Իր անմիջական հովանիին տակ Լիբանանի մէջ սկիզբ առաւ «Արարատ Գրական» շարժումը: Գրական այս ամսագրին շուրջ շուտով հաւաքուեցան գաղութիս ծանօթ եւ խոստումնալից ուժերը: Իր գոյութեան մօտ երկու տասնամեակներու ընթացքին, «Արարատ Գրական»ի էջերուն մէջ կազմաւորուեցան բազմաթիւ շնորհալի գրողներ՝ բանաստեղծներ, արձակագիրներ, գրական քննադատներ:

Վաթսունական թուականներուն, երբ ընդհանդապէս լիբանանեան թատրոնը զարթօնքի շրջան մը ապրեցաւ, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը հրապարակ իջաւ իր «Արտաւազդ» թատերախումբով՝ հայկական թատրոնի հիմնադիր Արտաւազդ Բ. թագաւորին անունով: «Արտաւազդ»ի ելոյթները կարեւոր նշանակութիւն ունեցան եւ հանդիսացան ներդրում մը լիբանանեան թատրոնի վերելքին:

«Արտաւազդ»ի անդրանիկ բեմադրութիւնը եղած է Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար»ը, բեմադրիչ՝ Լութֆիկ Թապագեան,[ccxxxiii] եւ շարունակած է իր գործունէութիւնը մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, ուր կասեցաւ «Արտաւազդ»ի խաղարկութիւնը:

1985-էն, նոր շրջանի համար, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան թատերախումբը ստացաւ տաղանդաւոր վիպասան եւ թատերագիր Շիրվանզադէի անունը, եւ մինչեւ այս օրս թատերախումբը կը գործէ այդ անունին տակ:

Թատերական գործունէութեան զուգահեռ (վաթսունական թուականներուն) Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը սկիզբ դրաւ իր երաժշտական գործունէութեան: Կազմաւորուեցաւ «Գարուն» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի սան Կիւրեղ Մանկրեանի: «Գարուն» երգչախումբը իր կարեւոր դերը ունեցաւ գաղութի երաժշտական կեանքի զարգացման մէջ:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան համար գործունէութեան կարեւոր դաշտ հանդիսացաւ նաեւ երգի-պարի համոյթի կազմակերպումը: 1982-ին, հայրենի ծանօթ պարուսոյց Նորիկ Մեհրապեանի ղեկավարութեամբ, կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին երգի-պարի համոյթը իր մեծաթիւ պարողներով, երգիչներով եւ նուագողներով հանդէս եկաւ լիբանանեան խստապահանջ հանդիսատեսին առջեւ եւ հմայեց զայն: Պարախումբը շարունակեց իր գործունէութիւնը արձանագրելով մեծ յաջողութիւններ 1985-ին, 86-ին: Խումբը պետական մասշտապով[ccxxxiv] բարձր գնահատուեցաւ եւ հրաւիրուեցաւ հայ մշակոյթն ու պարարուեստը ներկայացնելու Ճիպէյլի մէջ կայացած 1987-ի փառատօնին:

1997-ին պարախումբի կողքին ծնունդ առաւ նաեւ «Արեգ» մանկա-պատանեկան պարախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տիկին Ծաղիկ Խաչատուրեանի: Մեծ գոհունակութեամբ ու գնահատանքով 1998-ին իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ եւ ծափահարուեցաւ հայ եւ օտար արուեստասէր լայն շրջանակներու կողմէ:

Իր վերոյիշեալ գործունէութեանց ընթացքին, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը մոռացութեան չտուաւ երբեք մշակոյթի այլ բնագաւառները: Յարմարագոյն առիթներով կը նշուին մեր մշակոյթին հետ առնչուող կարեւոր թուականներ, գրողներու յոբելեաններ, տեղի կ’ունենան նոր լոյս տեսած գիրքերու քննարկումներ, գինեձօններ, երգահանդէսներ, գեղարուեստական երեկոներ, ոգեկոչումներ, նշումներ, Արցախին նուիրուած ձեռնարկներ՝ իբր զօրակցութիւն Արցախի մարտնչող քաջամարտիկներուն եւ անոր քաջարի հերոս ժողովուրդին:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը նուիրումով ծառայեց Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապի զարգացման, եւ այդ համոզումով՝ Միութիւնը կը նախապատրաստուի նոր խոյանքներու մշակութային բնագաւառէն ներս:

 

25/12/98                                                          Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան

Պէյրութ                                                                                  Վարչութիւն

 

*          *          *

 

 

  1. Պելճիքահայ Տեմոկրատների Միութենէն

 

[Պրիւքսել, հաւանաբար 1990-ականներ][ccxxxv]

 

Յարգարժան ընկեր Պէպօ Սիմոնեանին,

«Պելճիքահայ տեմոկրատների միութիւն»ը Պրիւսելի հեղինակաւոր ակումբներից մէկն է: Միութեան յաճախողները պելճիքահայ համայնքի ամենատեմոկրատ, առաջադէմ եւ հայրենասէր դասակարգի զաւակներն են: Այս տողերի հեղինակը Պրիւսել նոր տեղաւորուած, մուսատաղցի հնչակեան մըն է, միութեան պատասխանատուներից մէկը: Ձեզանից կը խնդրեմ միջնորդելու Հնչակեան Կենտրոնին՝ միութեանը տրամադրելու համար ամսաթերթ, թերթ, գիրքեր՝ գրադարանի համար:

Սկսել ենք հրատարակել ամսաթերթ մը «Ջանք» անունով: Կ’ուզենք հնչակեան մամուլին ալ տեղ տալ մեր էջերում: Ամսաթերթի առաջին համարը լոյս տեսաւ հայերէն, ֆրանսերէն եւ, ցաւօք, թուրքերէն լեզուներով: Եթէ Պելճիքայի սահմաններու մէջ մեզ հետ թղթակցիլ ցանկացողներ կը ճանչնաք, կը խնդրենք, քաջալերեցէ՛ք մեր հետ համագործակցելու թերթի ապագայի եւ որակի համար, քանի որ անձնակազմը նոր է եւ ոչ փորձառու:

Ջերմ մաղթանքներով

[անընթեռնելի ստոր․]

Միութեան հասցէն.

AADB

7U Rue des Deux Eglises

1210 Bruxelles

Belgique

 

*          *          *

 

 

  1. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Թիւ 199                                                                      Պէյրութ, 7 Նոյեմբեր 1977[ccxxxvi]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Աստ.

Մեծայարգ տիար,

Տաղանդաւոր գրող, բազմաթիւ հատորներու հեղինակ, հանրածանօթ հրապարակագիր ու խմբագիր ընկ. Անդրանիկ Անդրէասեանի[ccxxxvii] գրական-հասարակական գործունէութեան 45-ամեայ յոբելեանը արժանաւորապէս տօնուեցաւ կարգ մը գաղութներու մէջ: Այլ գաղութներ եւս կը պատրաստուին յառաջիկայ ամիսներուն տօնելու զայն: Լիբանանահայ գաղութը, որպէս սփիւռքի մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկը, բնականաբար չէր կրնար ետ մնալ միւս գաղութներէն:

Ուստի, որոշած ենք մեր կարգին ընկ. Ա. Անդրէասեանին յոբելեանը տօնել Հ. Բ. Ը. Մ.ի Գալուստ Կիւլպենկեան հանդիսասրահին մէջ, արժանավայել շուքով, յառաջիկայ Նոյեմբեր ամսու 20-ին, Կիրակի կ. առաջ:

Այս առիթով կազմուած յոբելեանական Պատուոյ Յանձնախումբին որպէս անդամ նկատի ունեցած ենք նաեւ Ձեզ, որ միշտ գնահատած էք հայ գրականութիւնն ու անոր մշակները եւ մասնաւորաբար ընկ. Ա. Անդրէասեանը:

Վստահ ենք թէ սիրով պիտի ընդունիք այս պարտականութիւնը եւ Ձեր ներկայութեամբ պիտի պատուէք ձեռնարկը:

 

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ խորին յարգանօք,

ի դիմաց

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                                              Ատենապետ՝

[ստոր․՝ ՊԱղպաշեան]                   [ԵՊապայեան]

Պ. Աղպաշեան                                              Ե. Պապայեան

[Երկու անուններուն միջեւ՝ Ռ․ Ա․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հայերէն ուղղանկիւն կնիքը]

 

*          *          *

 

 

  1. Սահակեան եւ Կիլիկեան Վարժարաններու Օժանդակ Մարմինէն

 

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ

ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ

COMMITTEE TO AID THE SAHAGIAN AND CILICEAN SCHOOLS

Mailing Address: P. O. Box 452, Paramus, NJ 07652, Tel.: 201-262-5363, Fax: 201-599-0872

 

[Փարամուս,] 29 Յունիս [19]95[ccxxxviii]

 

Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,

Ներփակ կը գտնէք 3.000 տոլարի չէքը, փոխարինելու սխալը:

Ներփակուած պահարանը հաճեցէ՛ք յանձնել ընկեր Վահրիճին: Իրեն ղրկուած նամակները յաճախ կորսուելու ենթակայ եղած են: Ասիկա կորսուած նամակի մը copy-ն է, որ կը ղրկեմ իրեն:

Ընկեր Պէպօ՛, ցաւով կը յայտնեմ որ որոշած ենք յառաջիկայ Սեպտեմբերին դադրեցնել «Եր. Հայաստան»ի հրատարակութիւնը այստեղ:

Վերջին նամակ մը եւս գրեցի Կեդր. Վարչութեան: Եթէ չեն կրնար կամ չեն ուզեր «Եր. Հայաստան»ը որպէս կեդրոնական օրկան հրատարակել, ինչ որ իմ առաջնահերթ բաղձանքն էր, զայն պիտի փոխադրենք Հայաստան: Կը յուսանք թէ այդ կերպով կրնանք օժանդակած ըլլալ Հայաստանի Հնչակեան կազմակերպութեան ուժեղացման եւ տարածման:

Երկու պարագաներուն ալ, մեր շրջանը պատրաստակամ է տարեկան 5000 տոլարով օժանդակել անոր հրատարակութեան ծախսերուն: Հայաստանի Ս. Դ. Հ. Կ.ի Վարիչ Մարմինը պատրաստակամ է առաջադրութեանը:

20 տարի (1975-95) առանձինս հրատարակեցի զայն եւ տարի շրջանի կուսակցական գործերը, առանց որեւէ օժանդակութեան եւ գնահատանքի: Յառաջիկային պիտի աշխատիմ պատրաստել «Եր. Հայաստան»ի բացառիկ հատորը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ անոր խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն: Կը յուսամ պատրաստակամ պիտի ըլլաս օժանդակելու ինծի:

Շնորհակալ եմ ցարդ քու բերած աշխատակցութեանդ համար:

 

Ջերմագին բարեւներով՝

[ստոր․՝ Արսէն][ccxxxix]

 

*          *          *

 

 

  1. Սահակեան Շրջանաւարտից Միութենէն

 

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Փ․ Ա․ 495, հեռ․ 234390 – 239587

Պէյրութ – Լիբանան

 

20 Մարտ 1968[ccxl]

 

Մեծայարգ պրն. Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Ռուբինեան Ազգ. Վարժարանի,

Աստ.

Յարգելի տիար,

Սահակեան Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութիւնը կազմակերպած է վիճաբանական երեկոյ մը՝

Նիւթ՝ Հին եւ նոր մտայնութիւն

Օր՝ 3 Ապրիլ, Չորեքշաբթի երեկոյ, ժամը 8:30-ին՝ «Սահակեան»[ի] սրահի[ն] մէջ:

Վիճողներ.

Հին մտայնութիւնը կը պաշտպանեն.

Տիկ. Ա. Փիլոյեան

Պրն. Ե. Գարաճեան[ccxli]

Նոր մտայնութիւնը կը պաշտպանեն.

Տիկ. Ա. Կիտուր[ccxlii]

Պրն. Գ. Տարօնի[ccxliii]

Այսու պատիւ ունինք հրաւիրելու Ձեզ, որպէս դատաւոր, վստահ ըլլալով որ հաճոյքով կ’ուզէք «Սահակեան»ի ձեռնարկներուն յաջողութեան նպաստել:

Սպասելով որ Ձեր դրական պատասխանը մեզի իմացնէք ամէնէն ուշ[ը] 23 Մարտ 1968, Շաբաթ կէսօր, կը ներփակենք մեր շնորհակալութիւնները:

 

Յարգանօք,

Ի դիմաց Վարչութեան՝

Ատենադպիր՝                                              Ատենապետ՝

Ա. Նազարեան                                              Ռ. Փիլոյեան

 

*          *          *

 

 

  1. Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան տարբեր մարմիններէն

 

27/1 Ս Դ Հ Կի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինէն

 

Ս. Դ. Հ. Կ.

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ

ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

 

Պէյրութ, 19 Յունուար 1982[ccxliv]

 

Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը ծրագրելու եւ կազմակերպելու համար իր կրթական յառաջիկայ աշխատանքները, Ձեզ նկատի առաւ որպէս կրթական դիւանի անդամ: Այս դիւանին մաս պիտի կազմեն կուսակցութեանս հովանաւորած չորս վարժարաններուն եւ Զահլէի Ազգ. Վարժարանին տնօրէն ընկերները: Վարիչ Մարմինս նկատի ունի նաեւ այլ անձեր, որոնք կրնան յառաջիկային մաս կազմել այս դիւանին: Կրթական դիւանը պիտի գլխաւորուի Վարիչ Մարմնոյ դիւանին կողմէ:

Հետեւաբար, կը հրաւիրուիք առաջին ժողովի մը՝ Ուրբաթ, 22 Յունուար 1982, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Տխրունի» ակումբ:

 

Ի դիմաց

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան

Լիբանանի Շրջանի

Ատենադպիր՝                                  Ատենապետ՝

Եփրեմ Թոքճեան[ccxlv]                        Վահրիճ Ճերեճեան

[ստոր․՝ Ե․ Թոքճեան]                    [ստոր․՝ Վահրիճ]

[Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն եւ արաբերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 21 Փետրուար 1982[ccxlvi]

 

Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կրթական Դիւանի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 5 Մարտ 1982, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին, «Տխրունի» ակումբին մէջ:

Կը խնդրուի Ձեզմէ անպայման ներկայ գտնուիլ այս ժողովին:

 

Ի դիմաց

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան

Լիբանանի Շրջանի

Ատենադպիր՝                                   Ատենապետ՝

Եփրեմ Թոքճեան                             Վահրիճ Ճերեճեան

[ստոր․՝ Ե․ Թոքճեան]                    [ստոր․՝ Վահրիճ]

[Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն եւ արաբերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

*          *          *

 

Ս. Դ. Հ. Կ.

Լիբանանի Շրջանի

Վարիչ Մարմին

 

Պէյրութ, 10 Մարտ 1991[ccxlvii]

 

Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,

Ս. Դ. Հ. Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը նպատակայարմար կը գտնէ հանդիպում մը ունենալ «Արարատ» օրաթերթի խմբագրական կազմին հետ:

Որպէս «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ, կը հրաւիրուիք սոյն հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 13 Մարտ 1991, ժամը 5:00-ին, «Տխրունի» ակումբին մէջ:

 

Ընկերական բարեւներով՝

Ս. Դ. Հ. Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի

Ատենադպիր՝                      Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Ա․ Շխրտըմեան]  [ստոր․՝ Տոքթ Ճէրէճեան]

Ահարոն Շխրտըմեան        տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան

[Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն եւ արաբերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

Պէյրութ, 14 Մարտ 1992[ccxlviii]

 

Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Ս. Դ. Հ. Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը վերահաստատեց «Արարատ» օրաթերթի խմբագրական կազմը, որուն մէջ ընդգրկուած էք նաեւ Դուք:

«Արարատ»ի խմբագրութիւնը կը հրաւիրուի նիստի, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 20 Մարտ 1992, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Արարատ»ի խմբագրատան մէջ:

 

Ընկերական բարեւներով՝

Ատենադպիր՝                      Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Ա․ Շխրտըմեան]  [ստոր․՝ Տոքթ Ճէրէճեան]

Ահարոն Շխրտըմեան        տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան

[Երկու անուններուն միջեւ՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն եւ արաբերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

27/2 Ս Դ Հ Կի Կեդրոնական Վարչութենէն

 

Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ             S. D. HUNCHAKIAN PARTY

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ                         CENTRAL COMMITTEE

 

Պէյրութ, 15 Նոյեմբեր 1978[ccxlix]

 

Ընկեր Պէպօ Սիմոնեանին,

Աստ.

Ընկե՛ր Պէպօ,

Ս. Դ. Հնչ. Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով, նշանակուած էք Հնչակեան օրկան «Արարատ» օրաթերթի խմբագրական մարմինի անդամ:

Ձեր պարտաւորութիւններն ու աշխատանքի բաժինը կը ճշդուին խմբագրական հանդիպումներու ընթացքին: Կը պահանջենք կուսակցական բծախնդրութեամբ մօտենալ հարցին՝ միշտ հաշտ մնալով մեր կուսակցութեան քաղաքական ու ազգային գծին հետ:

Ընկեր Հրանդ Գանգրունին, ցնոր տնօրէնութիւն, կը վարէ թերթին բովանդակութեան պատասխանատ[ո]ւութիւնը, որու հետ սերտ գործակցութեամբ, պիտի սատարէք մեր մամուլի յառաջդիմութեան ու մեր ժողովուրդի ծառայութեան գործին:

 

Յաջողութեան մաղթանքներով,

ի դիմաց Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան

Կեդրոնական Վարչութեան

Վասն Ատենադպիր[ի]՝                 Ատենապետ՝

[անընթեռնելի ստոր․]                    [Ա․ Տէմիրճեան][ccl]

[Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան հայերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

27/3. Ս. Դ. Հ. Կ.ի Հարաւային Ամերիկայի Վարիչ Մարմինէն

 

“SHARYUM”

Seminario Armenio

Redaccion y Administracion

GURRUCHAGA 1428 Tel. 72-1380

CASILLA DE CORREO No. 7 (Suc. 14)

BUENOS AIRES – R. ARGENTINA

 

[Պուէնոս Այրես,] 1 Մայիս 1972[ccli]

 

Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ.

Սիրելի ընկեր,

Ձերին 8 Փետր. 72 թուագրեալ գրութիւնդ ստացած ենք Մարտ 5-ին, ամառուան եղանակ, օդափոխութեան պատճառաւ ալ աւելի շրջանիս Ուրուկուայի Մասնաճիւղի վարչութեան հետ միասնաբար խորհուրդակցելէ վերջ տեղւոյն վարչութեան ատենապետ ընկեր Հրանդ Կանիմեան[ի] եւ իր տիկնոջ` Անահիտ Կանիմեանի ճամբորդութիւնէն օգտուելով որոշած էինք նոյն թուականներուն ճամբորդութիւնը մեր շրջանի ձայնը իրենց փոխանցելը ալ աւելի օգտակար դառնալը: Մեր շրջանէն 2 ձայն՝ ընկեր եւ ընկերուհի Կանիմեանները պիտի ներկայանան, 3-րդ ձայնը Դուք պիտի ներկայանաք, որու մասին Կեդր. Վարչութեան 1 Մայիս 72-ին պաշտօնական գրութեամբ տեղեկացուած է Ձերին լիազօրութիւնն: Սիրելի ընկեր, մերին կացութիւնը ընկեր Հ. Կանիմեանին հետ միասնաբար խորհրդակցելէ վերջ, ալ աւելիներուն տեղեկութիւններով Դուք աւելին օգտակար պիտի դառնաք, այն մասին վստահ ենք: Եթէ օրինաւոր է եւ Դուք յարմար կը դատէք իմ խօսքերս Թ. Ֆերմանեանի ժապաւէնի առնելով ընկեր Հրանդին հետ ժողովին լսելի դառնայ վարագոյրները վար առնելով: Մերին շրջանը մեր կողքին ժողովուրդականութիւն ունինք եւ մեր թերթը շաբաթը 2 անգամ հայերէն եւ մէկ ալ սպաներէն լոյս տենելը միշտ կ’երազէինք, եւ այն երազնիս ալ պիտի իրականանար: Դժբախտաբար անճարակ ծոյլ եւ կուսակցութեան դաւաճան ունէինք, եւ վերջն ալ վարձու խմբագիրներէն ինչ կը սպասուի: Դուք նպատակայարմար կը տեսնէիք մեր շրջանէն ընկերներու նշանակուիլը եւ մեր կուսակցական կեանքէն ներս ստեղծուէր խանդավառութիւն եւ եռուզեռ: Ան ալ պիտի իրականանայ, բայց կրկին յուսահատ ենք: Ընկեր Տիգրանը Ձեր եւ ընկեր Ժիրայրի մասին լաւ տպաւորութիւններով գաղափար ունի: Ընկեր Տիգրանն Հայրենիքէն վերադարձին Պէյրութի օդակայանէն ուրիշ օդանաւով Ֆրանսա պիտի ճամբորդէ, որուն պատճառը իրեն եւ մեզի եղած խոստումները չի իրականացան, այս մասը շատ ցաւալի է Ձերին դատողութեան կը թողունք:… Փոխանցեցէք մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները Ժիրայրին եւ շրջանի գաղափարապաշտ ընկերներուն:

Մնամք միշտ յարգանօք:

 

Հ. Ա. Ս. Դ. Հնչակեան Վարիչ Մարմին

Վ[ասն] ատենադպիրի՝                  Ատենապետ՝

[անվերծանելի ստորագրութիւն]             ԹՖէրմանեան

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն հաւկթաձեւ կնիքը]

 

*          *          *

 

“SHARYUM”

(MOVIMIENTO)

Seminario Armenio

Direccion, Redaccion y Administracion

GURRUCHAGA 1428

  1. E. 72-1380 y 6932

 

Buenos Aires, 6 Դեկտ[եմբեր] 1975[cclii]

 

Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ.

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Վարիչ Մարմինն իր երեք շրջաններուն անունով կը լիազօրէ Ձեզ, որ իբր ձայնատու պատգամաւոր զինք ներկայացնէք Կուսակցութեանս 12-րդ համագումարին:

Վստահ ենք որ կ’արդարացնէք մեր յոյսերը:

Յաջողութիւն:

 

Ի դիմաց

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան

Վարիչ Մարմինին՝

Ատենապետ՝

[ստոր․՝ Արմէնակ Դարբինեան] [ստոր․՝ Թորոս Ֆէրմանեան]

[Երկու ստորագրութեանց միջեւ՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն հաւկթաձեւ կնիքը: Նոյն կնիքը զարնուած է նաեւ էջին վերը՝ վերտառութեան աջին]

 

*          *          *

 

27/4. Ս. Դ. Հ. Կ.ի «Մարօ Նազարբեկեան» մասնաճիւղէն

 

[Պէյրութ,] 9 Մարտ 1992[ccliii]

 

Մեծայարգ պր. Պէպօ Սիմոնեան,

Ս. Դ. Հ. Կ. «Մարօ Նազարբեկեան» մասնաճիւղիս վարչութիւնը ծրագրած է Մարտ 27-ին տօնել կուսակցութեանս 105-ամեակը՝ արժանավայել շուքով մը:

Իր վերջին նիստին, Վարչութիւնս փափաքեցաւ Ձեզ հրաւիրել իբրեւ բանախօս՝ վերոյիշեալ հանդիսութեան առիթով: Շատ պիտի ցանկայինք որ չմերժէիք մեր հրաւէրը:

Ձեզմէ կը սպասենք շուտափոյթ դրական պատասխան մը՝ որպէսզի ձեռնարկենք տոմսերու հրատարակման:

 

Յարգանօք,

ի դիմաց «Մարօ Նազարբեկեան»ի

Վարչութեան՝

Ազնիւ Կիտուրեան

 

*          *          *

 

27/5. Տխրունի Ուսանողական (Երիտասարդական) Միութենէն, Հալէպ

 

Ն Ս Մ. Մ.                                                                                                   Հ Մ Մ

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԱԼԷՊ – ՍՈՒՐԻԱ

 

Փոստարկղ 873

Հեռաձայն 42043                                                                   Հալէպ, 17 Մայիս 1982[ccliv]

 

Մեծայարգ ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի,

Պէյրութ.

Յարգելի ընկեր,

Ըստ տարիներու սովորութեան, այս տարի եւս, Հալէպի Տխրունի Ուս.-Երիտ. Միութիւնը որոշած է կազմակերպել մեծ յուշատօն մը նուիրուած Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 67-րդ տարեդարձին: Սոյն յուշատօնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 27 Յունիս 1982-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Կիլիկեան Ճեմարանի շրջաբակին մէջ:

Ուստի, այս առիթով, վարչութիւնս օրուայ որպէս գլխաւոր բանախօս Ձեզ նկատի ունենալով, այսու կու գայ մեծ հաճոյքով Ձեզ Հալէպ հրաւիրելու Ձեր համեստափայլ տիկնոջ հետ միասին: Հոս կ’արժէ յիշել, որ Ձեր Հալէպ գալու ինչպէս նաեւ կեցութեան հետ առընչուած բոլոր ծախքերը պիտի հոգայ վարչութիւնս:

Լիայոյս ենք, որ սիրով կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին, եւ Հալէպի մէջ կազմակերպուելիք սոյն յուշատօնին ներկայ ըլլալով, մեր ժողովուրդը հաղորդակից կը դարձնէք օրուայ խորհուրդին:

Սպասելով Ձեր դրական պատասխանին, կը մնանք կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ ընկերային լաւագոյն մաղթանքներով:

 

Ի դիմաց Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան՝

Ատենադպիր՝                                                           Ատենապետ՝

[անընթեռնելի ստոր․]                    [ստոր․՝ ՅԱղայեան]

Հրանդ Աթթարեան                                     Յակոբ Աղայեան

[Երկու անուններուն միջեւ՝ Հալէպի Տխրունի Ուսանողական Միութեան հայերէն կլոր կնիքը]

 

*          *          *

 

          ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԱԼԷՊ

 

[Հալէպ, հաւանաբար 1995-ի Յուլիսի սկիզբ][cclv]

 

Յարգարժան ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Տ.Ո.Ե.Մ.ի Վարչութիւնը պատիւը ունի Ձեզ հրաւիրելու Հալէպ՝ 20 անմահ կախաղաններու 80-ամեակի ոգեկոչման յիշատակի տօնակատարութեան, որ պիտի կայանայ Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի[ն] մէջ, 16 Յուլիս 1995-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին:

Լիայոյս ենք որ կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին:

 

Խորին շնորհակալութեամբ՝

Տ.Ո.Ե.Մ.ի Վարչութիւն

Ա. դպիր                                             Ա. պետ

Յովիկ Պէրպէրեան             Յարութ Մեսրոպեան

[ստոր․՝ խզբզոց մը]            [ստոր․՝ Յարութ]

 

*          *          *

 

27/6. Ս. Դ. Հ. Կ.ի Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Ակումբէն, Պէյրութ

 

Ս. Դ. Հ. Կ. ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍ․ ԵՐԻՏ․ ԱԿՈՒՄԲ

Պէյրութ – Լիբանան

 

[Պէյրութ, Փետրուար 1981][cclvi]

 

Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Ս. Դ. Հ. Կ. Տխրունի Ուս.-Երիտ. Ակումբի ուսանողական դիւանը ձեզ կը հրաւիրէ որպէս բանախօս մեր դասախօսական ձեռնարկին, նիւթ ունենալով «Նոր սերունդը՝ գիտակի՞ց մշակոյթի», որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 21-2-1981, կ. ե. ժամը 5:30-ին, «Տխրունի» ակումբի սրահին մէջ:

Լիայոյս ենք որ կ’ընդառաջէք մեր հրաւէրին:

 

Վարչութիւն

[ստոր՝ Ե․ Թոքճեան]

[Ստորագրութեան վրայ՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Տխրունի Ուս․ Երիտ․ Ակումբի հայերէն կլոր կնիքը]

 

ա) – Քանի՞ վայրկեան տեւողութիւն:

բ) – Քանի՞ հոգի ներկայ կ’ըլլայ:

գ) – Մամուլով յայտարարութիւն:

 

*          *          *

 

 

  1. Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէէն

 

[Երեւան, հաւանաբար Դեկտեմբեր 1981][cclvii]

 

Յարգելի բարեկամ Պէպօ Սիմոնեան,

Ի սրտէ շնորհաւորում ենք Ձեր Նոր տարին: Մաղթում ենք խաղաղութիւն աշխարհին, Ձեզ՝ երջանկութիւն, ստեղծագործական ու հայրենանուէր բեղմնաւոր գործունէութիւն:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

 

Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ

 

*          *          *

 

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՊԻ ԿՈՄԻՏԷ

COMMITTEE FOR CULTURAL RELATIONS WITH ARMENIANS ABROAD

Երեւան, փոստարկղ 35                                                      Yerevan. P. O. B. 35

Հեռ. 52-55-80                            

 

Nº                                                        [Երեւան, հաւանաբար 1985-ի գարուն][cclviii]

Յարգելի Պէպօ Սիմոնեան,

Ինչպէս Ձեզ արդէն յայտնել ենք, սփիւռքահայ ուսուցիչների վերապատրաստման ամէնամեայ դասընթացները այս տարի անց են կացուելու դպրոցների տնօրէնների մակարդակով:

Կից ուղարկում ենք դասընթացների նախնական ծրագիրը, որի վերաբերեալ Ձեր դիտողութիւնները եւ առաջարկութիւնները խնդրում ենք յայտնել Կոմիտէին:

 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Նախագահի տեղակալ՝

[ստոր․՝ Ս Բաղ] Ս. Բաղդասարեան[cclix]

 

*          *          *

 

Nº 299                                                                                    Երեւան, 29 Մարտ 1986[cclx]

 

Սիրելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Առաջիկայ Մայիսի 20-ից 21-ը Երեւանում կայանալու է Հայաստանի գրողների միութեան 9-րդ համագումարը, որին մասնակցելու համար Կոմիտէն սփիւռքահայ այլ գրողների թւում հրաւիրում է նաեւ Ձեզ:

Երեւանում պէտք է լինէք 2 շաբաթ, ուր կեցութեան եւ ետդարձի տոմսերը կհոգայ Կոմիտէն:

Վիզա ստանալու համար խնդրում եմ դիմել սովետական դեսպանատուն:

 

Շուտափոյթ հանդիպման յոյսով՝

Կ. Դալլաքեան

Կոմիտէի նախագահ [ստոր․՝ ԿԴալլաքեան]

 

*          *          *                 

 

Nº 202                                                                                    Երեւան, 12 Մարտ 1987[cclxi]

 

Յարգարժան ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,

Պէյրութ.

Սիրելի բարեկամ,

Առաջիկայ Մայիսի երկրորդ կէսին նշուելու է Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 90-ամեակը, որի յոբելեանական հանդիսութիւններին մասնակցելու հրաւիրւում էք նաեւ Դուք:

Խնդրում ենք հեռագրով մեզ լուր տալ Ձեր ժամանման հնարաւորութիւնների մասին, որպէսզի ուղարկենք հրաւէր-վիզա:

 

Կոմիտէի նախագահ՝ [ստոր․՝ ԿԴալլաքեան] Կ. Դալլաքեան

 

*          *          *

 

Nº 19                                                                          [Երեւան,] 3 Յունիս 1993[cclxii]

 

Յարգարժան պրն. Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Վարժարանի,

Պէյրութ.

Յարգելի բարեկամ,

Ս. թ. Օգոստոսի 10-ից Սեպտեմբերի 10-ը Երեւանում կազմակերպւում են սփիւռքահայ ուսուցիչների եւ տնօրէնների վերապատրաստման դասընթացներ: Մէկ տեղ նախատեսուած է Ձեր եւ Ձեր շրջանակի վարժարանների համար (ուսուցիչ կամ տնօրէն):

Հրաւիրեալի հիւրանոցային եւ շրջապտոյտի ծախսերը կհոգացուեն մեր կողմից: Ճանապարհածախսը, սննդի եւ այլ ծախսեր պէտք է հոգայ ինքը:

Համաձայնութեան դէպքում կխնդրէինք յայտնել հրաւիրուելիք անձի անուն-մականունը, ծննդեան օրը, ամիսը, տարին եւ քաղաքացիութիւնը՝ վիզան ապահովելու նպատակով:

Սպասում ենք Ձեր շուտափոյթ պատասխանին:

 

Յարգանքներով՝

Նախագահի տեղակալ՝ [ստոր․՝ ԳԲ] Գ. Բաղդասարեան

 

Երեւան, փոստարկղ 35                                                      Yerevan P. O. Box 35

Հանրապետութեան 37                                                       Hanrapetoutian 37

 

Tel.: 52-55-80, Telex: 243 318 ARAKS SU, Fax: 52-38-87

 

*          *          *

 

 

  1. American Society for the Advancement of Armenian Studies & Research, Inc.-էն

 

American Society for the Advancement of

Armenian Studies & Research, Inc.

 

Armen-Bersabe-Jerejian Found.

8 Eastview Terrace

Demarest, NJ 07627

 

[Տեմարեսթ – Նիւ Ճըրզի, հաւանաբար 1980-ականներ][cclxiii]

 

Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,

Տնօրէն Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի,

Պէյրութ.

Արմեն եւ Բերսաբէ Ճերեճեան Հիմնարկութեան նպատակն է արծարծել եւ տարածել գլոբալ[cclxiv] դաստիարակութիւն հիմնուած գլոբալ քաղաքակրթութեան վրայ որ կ’ընդգրկէ, ի միջի այլոց, հայ քաղաքակրթութիւնն ալ, որպէսզի.

Ա.– Երբ մէկը կարդայ՝ տեղեկանայ, միւսներուն կողքին, հայկականին ալ,

Բ.– Հայ նոր սերունդը գիտակից դառնայ «Արմէն» անունին բուն իմաստին եւ ըստ այժմ վերագտնէ հայերուս կորսնցուցած առաջնորդ տարրի զօրութենականութիւնը:

Արմէն կոչած են մեզ օտարները: Ան կազմուած է երկու հնդ-եւրոպական բառերէ. Ար (Աստուած-ստեղծագործ) եւ ման (մարդ), որով հնդեւրոպական ցեղերն են որ տուած են մեզի այդ անունը: Հին Հայաստանի հնագոյն ազնուականութիւնը եղած է հնդեւրոպական, ինչպէս անոր շուրջի ժողովուրդները:

Պատմութեան մէջ չկայ ազգ մը որ արմէններու չափ պետեր տուած լինի ուրիշ պետութեանց: Ասոր լաւագոյն փաստը կը գտնենք բիւզանդական պատմութեան մէջ, որուն 57 կայսրերն ու կայսրուհիները, առանց հաշուելու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, եղած են ծնունդով «արմէն»:

Մեր ծրագիրն է հայ նոր սերունդը դարձնել առաջնորդ տարր՝ փոխանակ հետեւողի, Արմէն անունին ներշնչած ուժականութեամբ:[cclxv] Ստեղծագործ ծառայողներ ունենալով, աւելի կարելի է միասնականութիւն ստեղծել քան թէ զայն քարոզելով: Ամեն հայ շահ եւ պատիւ տեսնելով է որ կը խմբուի պետի մը շուրջ: Այդ է հաւաստիքը ոչ միայն բիւզանդական, այլ նաեւ հնագոյն հին եգիպտական պատմութեան: Ըստ հռչակաւոր եգիպտաբան Մասփերոյի, HYK-երը որ գրաւեցին եւ 125 տարիներ կառավարեցին Եգիպտոսի կայսրութիւնը, Haka կոչուած են որ եգիպտերէն պետ նշանակած է: Լեզուաբանականօրէն HYK եւ հայ բառերը առնչութիւն ունին: Իսկ այսօր, կիլիկեցի Գէորգ Տէօքմեճեանի Գալիֆորնիոյ կառավարիչ ընտրուիլը՝ կ’ապացուցանէ թէ հայու մը պետ դառնալը ի՛նչ կը նշանակէ հայերուն, որ, առանց կուսակցական, յարանուանական եւ այլ խտրութեանց քուէարկեցին՝ անառարկելի միասնականութեամբ:

Մինչեւ հիմա աշխատեցանք հայագիտութիւն հաստատելու, արծարծելու եւ տարածելու ամերիկեան համալսարաններուն մէջ: Արդ կը տեսնենք որ անհրաժեշտ է գլոբալ դաստիարակութիւն՝ մեր լաւագոյն ուսանողները միջազգային պետեր դարձնելու համար:

Որպէս նախկին շրջանաւարտ (1930) Սահակեան Գոլէճի՝ առաջին կարգի վրայ դրած ենք Սահակեան-Մկրտիչեան Գոլէճը մեր ծրագիրը յառաջ տանելու համար, ի հարկին զայն ընելով Ճերեճեան-Մկրտիչեան-Սահակեան Գոլէճ, եթէ կարելի է:

Մեր փիլիսոփայութիւնն է՝ մրցիլ ոչ թէ իրարու դէմ, այլ զիրար լրացնելու համար: Պէտք է գործակցինք, օժանդակենք իրարու նիւթապէս թէ բարոյապէս, գլոբալ դաստիարակութեամբ, խոնարհիլ փոքրին, անկարին, թեւ չունեցողին թեւ ու թռիչք տալու:

Այսու կը յանձնարարենք ընկեր Արամ[այ]իսի որդւոյն՝ Արմէն Ճերեճեանին պատեհութիւն տալ ծառայելու Գոլէճիդ: Ան մէկ թեւ ունի, բայց վստահ ենք որ լաւ ծառայող մը կրնայ ըլլալ: Երբ հոս էր, ուշադրութիւն[ը] գրաւած էր ոչ միայն մեր, այլ նաեւ ամերիկացի տնօրէնին որուն ցոյց տուած էր թէ մարդ աւելի խելքով պէտք է գործէ քան թէ ձեռքերով: Դժբախտաբար ծնողական կոյր սէրը չձգեց որ հոս մնար եւ տեղ մը հասնէր: «Ամէն բանի մէջ բարիք մը կայ» կ’ըսեն: Արդ, եթէ ձեր ձեռքին տակ, Սահակեան-Մկրտիչեան Գոլէճիդ գրասենեակին կամ այլ մարզերուն մէկուն մէջ հաշուակալի կամ օգնականի պաշտօն մը տաք, վստահ ենք որ պիտի ծառայէ գոհացուցիչ կերպով:

Մենք պիտի սատարենք առաւելապէս որպէսզի գոլէճդ դարձնենք մեր գլոբալ դաստիարակութեան լաւագոյն կեդրոններէն մին, բարձրացնելով անոր մակարդակը՝ ձեր լաւագոյն աշակերտներուն թեւ ու թռիչք տալով:

Վստահ ձեր աջակցութեան, կը խնդրենք ընդունիլ մեր խորին շնորհակալութիւններն ու մաղթանքները:

 

Արմէն Ճերեճեան, նախագահ

 

*          *          *

 

 

  1. Baalbeck International Festival-էն

 

[Պէյրութ, հաւանաբար 1990-ականներու կէս][cclxvi]

 

BAALBECK INTERNATIONAL FESTIVAL

 

Dear Mr. and Mrs. Bebo Simonian,

The International Festival of Baalbeck is proud to have in its 1999 summer program one of the most prestigious orchestras in the world: the Armenian Philharmonic Orchestra, conducted by the renowned Maestro Loris Tjeknavorian,[cclxvii] on the 31st of July and 1st of August.

On July 31st, the Armenian Philharmonic Orchestra will accompany the world famous soprano June Anderson who will perform arias from various Italian operas (Bellini’s Norma, Puccini’s La Rondine, Verdi’s la Traviata, etc…).

During the August 1 concert, the Armenian Philharmonic Orchestra will present an unforgettable night of music with a diverse program:

1- Gholmiye’s[cclxviii] symphony # 4

2- Rachmaninoff: concerto for piano # 2

3- Aram Khatchaturian: dances from Ballet “Gayané”

4- Johann Strauss: Waltzes

5- Loris Tjeknavorian: “Straussiana”.

6- One of the highlights will be the performance of the great international pianist Armen Babakhanian.

Knowing your love for music, we count on your presence to share with us this unique experience in an overwhelming sitting.

It will be our pleasure to greet you and your friends in Baalbeck.

Come and enjoy this great event!

 

Sincerely yours,

Madeleine Pierre Hélou

Head of the Communication Committee

 

*          *          *

[i] Տպագիր բացիկ։ Պէպօ Սիմոնեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի անունները աւելցուած են ձեռագիրով։

[ii] Օրն ու ժամը չեն նշուած։

[iii] Ձեռագիր՝ Արմէն եւ Բերսաբէ Ճերեճեան հիմնադրամի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու վերը, ձախին, տպուած են հիմնադրամի անգլերէն անուան սկզբնատառերը՝ ABJF։ Ինքնագիր։

[iv] Այս քառատողը տպագիր է։

[v] Այսպէս է բնագիրին մէջ։ Փաստօրէն, «ժողով» բառը կրկնուած է։

[vi] Տպագիր։ Անունները լրացուած են ձեռագիրով։

[vii] Թիւը չէ նշուած բնագիրին մէջ։

[viii] Ձեռագիր՝ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[ix] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:

[x] Գրամեքենագրուած՝ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[xi] Դպրոցին անունը այսպէս՝ սխալ նշուած է բնագիրին մէջ։

[xii] Տպագրուած՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը գրամեքենագրուած է: Ձեւաթուղթին վերը, ձախին՝ միութեան տարբերանշանն է, իսկ ձախ լուսանցքին՝ արաբերէն եւ հայերէն տպուած է՝ Արտօնագիր թիւ 760 10 Մարտ 1947։ Բնագիր։

[xiii] Անդրանիկ Պոզոյեան (?-2005) – Ռ․ Ա․ Կ․ի եւ կրթական գործիչ։ Յաճախած է Մինայի (Լիբանան) Ազգ․ Նուպարեան Վարժարան, ապա Անթիլիասի դպրեվանք։ Այնուհետ ուսուցչագործած է Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպի Կիլիկեան Վարժարան, Տըրպեսիէ գիւղ, ապա Հալէպի Ռամի Հայր Պալեանի դպրոցը, որու երկրորդական բաժինի տնօրէնը կ’ըլլայ։ 1966-ին կ’անցնի Լիբանան, ուր շուրջ 25 տարի գործած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին մէջ, մինչեւ 1986՝ ընդհանուր հսկիչ, 1987-1992-ին՝ տնօրէն։ Եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի «Միհրան Տամատեան» ակումբի վարչութեան երկարամեայ ատենապետը, երբեմն մաս կազմած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան։ 1970-ականներուն եղած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Վարչութեան ատենադպիր։

[xiv] Յովհաննէս Թապագեան (1923-2004) – Ռ․ Ա․ Կ․ի, Թ․ Մ․ Մ․ի եւ կրթական գործիչ։ Ուսանած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, Սէն Ժոզեֆ համալսարանին, Հայկազեան Գոլէճին եւ Փարիզի Սեւրի Համալսարանին մէջ։ Ապա 51 տարի ուսուցչագործած է յատկապէս Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի վարժարաններուն մէջ։ 1974-1992-ին եղած է միութեան Պօղոս Գ․ Կարմիրեան Վարժարանին տնօրէնը, 1952-1975-ին՝ Թ․ Մ․ Մ․ի Լիբանանի Վարչութեան ատենադպիրը, 1975-էն մինչեւ Ա․ Մ․ Ն․ մեկնումը 1992-ին՝ նոյնին ատենապետը։ Երկար ժամանակ եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի «Զարթօնք» ակումբի վարչութեան ատենապետը, նաեւ անդամ Ռ․ Ա․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան։

[xv] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած, սովորական թուղթ։ Բնագիր։

[xvi] Ձեռագիր՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[xvii] Համբարձում Գումրուեան (1925-1991) – Ռ․ Ա․ Կ․ի, Թ․ Մ․ Մ․ի եւ կրթական գործիչ։ Աւարտած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։ Հայ գրականութիւն դասաւանդած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի երկրորդական զոյգ վարժարաններուն մէջ։ Տարբեր տարիներ անդամակցած է Ռ․ Ա․ Կ․ի եւ Թ․ Մ․ Մ․ի Լիբանանի վարչութիւններուն, 1970-ականներու երկրորդ կէսին՝ վերջինիս ատենապետը։

[xviii] Գրամեքենագրուած՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Վարչութեան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր պաշտօնական երկու ձեւաթուղթերու վրայ: Ձեւաթուղթերուն վարը տպուած է՝ Phones: 447312 – 448987, P. O. Box 11-617, Beirut – Lebanon։ Բնագիր։

[xix] Ա. Մելքիսէթեան [Արտաւազդ Մելքիսէթեան (ծնած է 1954-ին՝ Հալէպ) – Եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թ․ Մ․ Մ․ի Հիմնադիրներու Մարմինի ատենադպիր, Ռ․ Ա․ Կ․ի Գերագոյն Խորհուրդի փոխատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի տնօրէն:

[xx] Սեւակ Հաճիյակոբեան – 2015-ի Փետրուարէն՝ Ռ․ Ա․ Կ․ի Լիբանանի «Զարթօնք» պաշտօնաթերթի խմբագիրն է։

[xxi] Յակոբ Փափազեան – Ակնաբուժ։ Աւարտած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանը ու Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկը։ Երկար ատեն եղած է Թ․ Մ․ Մ․ի Լիբանանի Վարչութեան անդամ, որոշ տարիներ՝ անոր ատենապետը։

[xxii] Ձեռագիր՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Վարչութեան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[xxiii] Օսքար Ուայլտ, «Տորիըն Կրէյի Պատկերը», անգլերէնէ թարգմանեց Վահէ-Վահեան, Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ – Թեքնոփրես տպարան, Պէյրութ, 1992, Խ․ (40) + 367 էջ։

[xxiv] Վահէ-Վահեան, «Բերքահաւաք», Գ․ հատոր, «Սիփան» հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 1993, 408 էջ։

[xxv] Այս ձեռնարկին մասին անստորագիր թղթակցութեան մը մէջ կը կարդանք նաեւ հետեւեալը․ «Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ գրող, հասարակական գործիչ, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Վարժարանի տնօրէն պր․ Պէպօ Սիմոնեանը, որ ներկայացուց երախտաւորին վերջին երկու գործերը՝ «Տորիըն Կրէյի Պատկերը» վէպին թարգմանութիւնն ու «Բերքահաւաք»ի Գ․ հրատարակութիւնը, վեր առնելով Վահէ-Վահեան թարգմանիչի բարեմասնութիւններն ու գրականագէտի հմտութիւնը, ամբողջական գնահատումը կատարելով անոնց արժանիքներուն» («Թէքէեան Մշակութային Միութիւն – Լիբանանի Վարչութիւն – Գինեձօն՝ ի պատիւ Վահէ-Վահեանի», «Զարթօնք» օրաթերթ, Պէյրութ, 6 Մարտ 1994, էջ 1)։

[xxvi] Համակարգչային շարուածք՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Զանց ըրած ենք արաբերէն վերտառութիւնը: Ձեւաթուղթին վերը, ձախին, տպուած է Թ. Մ. Մ.ի տարբերանշանը։

[xxvii] Կարապետ Պապահէքեան։

[xxviii] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Բնագիր։

[xxix] «Մշակ» – «Պաշտօնաթերթ Լիբանանահայ [Թերթին մէջ այս բաղադրիչը այսպէս տպուած է – Գ․ Ե․]» Ազգ․ Վարժարաններու Ուսուցչական Միութեան»։ Լոյս տեսած է 1964-ի Նոյեմբերէն 1965-ի Ապրիլը ներառեալ՝ ընդամէնը հինգ թիւ, թիւ Դ․-Ե․ը՝ միացեալ։ Վարիչ խմբագիր՝ Արմէն Տօնոյեան։

[xxx] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ: Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Էջին վարը խմորատիպ է կառոյցին անունը՝ Լիբանահայ Կրթական Պատասխանատուներու Համախմբում՝ որոշակի ձեւաւորումով, անուան ձախին պատկերուած է լուսատու կանթեղ մը։ Բնագիր։

[xxxi] Տպագրուած՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Ձեւաթուղթին վերը, մէջտեղը, տպուած է կառոյցին տարբերանշանը՝ Լ, Գ. Շ գիրերով կազմուած կապգիրը։ Բնագիր։

[xxxii] Համակարգչային շարուածք՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Շարադրանքը հաւաքուած է ձեւաթուղթի երկարութեամբ:

[xxxiii] Համակարգչային շարուածք՝ բազմացուած պատճէնահանման եղանակով՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Բնագիր։

[xxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[xxxv] Համակարգչային շարուածք՝ բազմացուած պատճէնահանումով՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Բնագիր։

[xxxvi] Համակարգչային շարուածք՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[xxxvii] Մականունը սխալ է: Ճիշդն է՝ Եալտըզճեան:

[xxxviii] Գէորգ Թէմիզեան (1945-1999) – Հալէպահայ բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ սրտաբան։ Երկար տարիներ եղած է Հալէպի Ուրֆայի Վերածնունդ Միութեան Վարչութեան ատենապետը։

[xxxix] Բնագիրին մէջ բայը եզակի է՝ «պիտի կազմէ»։

[xl] Համակարգչային շարուածք՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[xli] Հ․ Կ․ Մ․ – Հայ Կաթողիկէ Միութիւն։

[xlii] Համակարգչային շարուածք՝ բազմացուած պատճէնահանումով՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Բնագիր։

[xliii] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ Լիբանանահայ Համալսարանականներու Միացեալ Մարմինի հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Դպրոցին եւ անոր տնօրէնին անունները ձեռագիր են։ Բնագիր։

[xliv] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «կազմակերպել կարենալու»։

[xlv] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ Լիբանանի հայոց առաջնորդարանի հայերէն եւ ֆրանսերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Նամակին մուտքը գրամեքենագրուած է։ Բնագիր։

[xlvi] Տաճատ արք․ Ուրֆալեան (1919-1978) – Կիլիկիոյ Աթոռի միաբան։ 1935-ին ընդունուած է Անթիլիասի դպրեվանք, 1942-ին օծուած է կուսակրօն քահանայ։ 1944-ին ստացած է մասնաւոր վարդապետութեան, 1951-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները։ 1956-ին օծուած է եպիսկոպոս, 1961-ին արժանացած արքութեան պատիւին։ 1947-էն ծառայած է իբրեւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ, իսկ 1963-էն մինչեւ վախճանումը՝ Լիբանանի թեմի առաջնորդ։

[xlvii] Գրամեքենագրուած՝ Լիբանանի հայոց առաջնորդարանի արաբերէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վերը, վերտառութեանց ձախին, պատկերուած է ծաղկեալ եւ ճաճանչող խաչ։ Բնագիր։

[xlviii] Ներսէս արք․ Բախտիկեան (1911-1989) – Կիլիկիոյ Աթոռի միաբան, գրահրատարակիչ, խմբագիր, կրթական գործիչ: Մեծ Եղեռնի որբերէն։ Մինչեւ 1928 գտնուած է որբանոցներու մէջ, ապա մտած է կեանքի ասպարէզ։ 1945-1948-ին կազմած, խմբագրած ու հրատարակած է «Ոսկեգետակ» տարեգիրքը։ 1950-1966-ին ուսուցչական պաշտօններ վարած է լիբանանահայ չորս դպրոցներու մէջ։ Կուսակրօն քահանայ օծուած է 1957-ին, 1959-ին ստացած է մասնաւոր, 1964-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները։ Եպիսկոպոս օծուած է 1974-ին։ Զանազան պաշտօններ վարած է կաթողիկոսարանի համալիրին մէջ եւ շարունակած է ուսուցչութիւնը տարբեր դպրոցներու մէջ։ 1 Նոյեմբեր 1959-ին նշանակուած է Իրանա-Հնդկաստանի թեմի առանորդական փոխանորդ, ապա ընտրուած է առաջնորդ։ 13 օգոստոս 1965-ին վերադարձած է Անթիլիաս։ 1970-1974-ին՝ Թռչնոց Բոյնի տնօրէն։ 1974-1977-ին՝ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ։ Նախաձեռնողն ու հրատարակիչն է Մեծ Եղեռնի վկայութեանց «Ապրիլեան մատենաշարի» (14 հրատարակութիւն)։ Հեղինակը կամ կազմողն ու խմբագիրն է 17 գիրքերու, որոնք եւ իր մամուլի յօդուածները առաւելաբար կը վերաբերին ծննդավայր Արաբկիրի շրջանի ազգագրութեան եւ Հ․ Մ․ Ը․ Մ․ի պատմութեան։

[xlix] Արամ եպս․ Քեշիշեան (ծնած է 1947-ին՝ Պէյրութ) – 1 Յուլիս 1995-էն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․։ Յաճախած է ծննդավայրի Ազգ․ Մեսրոպեան Վարժարան, 1961-ին ընդունուած է Անթիլիասի դպրեվանք։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1968-ին։ 1970-ին ստացած է մասնաւոր, 1980-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները։ Նոյն տարի ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ Արքութեան պատիւին արժանացած է 1985-ին։ Բարձրագոյն ուսումն ստացած է Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան Դպրոցին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին, Ժնեւի, Օքսֆորտի եւ Նիւ Եորքի Ֆորտհեմի համալսարաններուն մէջ՝ արժանանալով աստուածաբանութեան դոկտորայի աստիճանին։ Դեռեւս ուսանած տարիներուն 1978-ին ընտրուած է առաջնորդական տեղապահ Լիբանանի թեմին, 1980-ին՝ առաջնորդ։ Պաշտօնը վարած է մինչեւ կաթողիկոսական օծումը։

[l] Համակարգչային շարուածք՝ Լիբանանի հայոց առաջնորդարանի արաբերէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր։ ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վերը, վերտառութեանց ձախին, պատկերուած է առաջնորդարանին տարբերանշանը։ Բնագիր։

[li] Համակարգչային շարուածք՝ Լիբանանի հայոց առաջնորդարանի արաբերէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վերը, վերտառութեանց ձախին, պատկերուած է առաջնորդարանին տարբերանշանը: Էջին վարը տպուած են կապի տուեալները: Բնագիր։

[lii] Փարքինկ – Կառատուն (անգլերէն):

[liii] Ժան Սալմանեան – Լեզուագէտ, թարգմանիչ, Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի դասախօս, դոկտոր, փրոֆեսոր։ Երկար տարիներ եղած է Լիբանանի թեմի առաջնորդարանի դիւանապետը։ Անդամ է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Կոմիտէին՝ ներկայացնելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Վերջինս ներկայացուցած է նաեւ միջազգային ուրիշ հաւաքներու մէջ։

[liv] Համակարգչային շարուածք՝ Լիբանանի հայոց առաջնորդարանի արաբերէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վերը, վերտառութեանց ձախին, պատկերուած է առաջնորդարանին տարբերանշանը։ Բնագիր։

[lv] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ նշուած երկու մարմիններու հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[lvi] Ձեռագիր՝ նշուած երկու մարմիններու հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[lvii] Արմենակ Եղիայեան։

[lviii] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[lix] Հրանդ Մաթեւոսեան (1935-2002) – Հայրենի արձակագիր։ 1958-1962-ին ուսանած է Հայկական Պետական Մանկավարժական Հիմնարկի Պատմալեզուաբանական Բաժանմունքին մէջ, այնուհետ աշխատած տարբեր պարբերականներու խմբագրութեանց մէջ։ 1996-2000-ին եղած է Հայաստանի Գրողների Միութեան նախագահը: Ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աշխարհի բազմաթիւ լեզուներով։

[lx] Համակարգչային շարուածք՝ Լիբանանի մէջ Հ. Հ.ի դեսպանութեան հայերէն ու անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Ձեւաթուղթին ամենէն վերը տպուած է Հ. Հ.ի զինանշանը։

[lxi] Գրամեքենագրուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Ձեւաթուղթին ամենէն վերը տպուած է կաթողիկոսութեան տարբերանշանը։ Բնագիր։

[lxii] Մուսա Փրէնս (1925-1998) – Լիբանանցի իրաւաբան, մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ, իրաւաբանութեան դասախօս: Որոշ տարիներ եղած է Լիբանանի Ազգային Ազատականներու Կուսակցութեան փոխնախագահ։ Հեղինակն է «Անպատիժ ցեղասպանութիւն մը՝ Հայասպանութիւնը» ֆրանսերէն ստուար հատորին (Պէյրութ, 1975, xii + 582 էջ)։

[lxiii] Խորէն Ա․ Բարոյեան (1914-1983, կաթողիկոս՝ 1963-1983): Եղած է Անթիլիասի դպրեվանքի առաջին սաներէն։ 1937-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ 1938-ին ստացած է մասնաւոր, 1946-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները։ 1947-ին օծուած է եպիսկոպոս։ 1947-1951-ին եղած է Դրան եպիսկոպոս, լուսարարապետ եւ մատակարարապետ։ 1951-ի վերջին օրերէն մինչեւ կաթողիկոսական օծումը 12 Մայիս 1963-ին՝ Լիբանանի թեմի առաջնորդ, զուգահեռաբար երկու անգամ՝ 1955-ի Հոկտեմբերէն 1956-ի Սեպտեմբեր եւ 1963-ի Փետրուարէն մինչեւ իր օծումը՝ կաթողիկոսական տեղապահ։

[lxiv] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կաթողիկոսարանին վերտառութիւնը, թուականը եւ Պէպօ Սիմոնեանի անունը գրամեքենագրուած են։ Բնագիր։

[lxv] Գրամեքենագրուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի անուան հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու ձախին տպուած է կաթողիկոսութեան տարբերանշանը։ Բնագիր։

[lxvi] Հատորի փոխարէն լոյս տեսաւ պատկերազարդ գրքոյկ մը՝ «Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ․ Յիսնամեակ (1930-1980)», Անթիլիաս, 1981, 23 էջ։

[lxvii] Համակարգչային շարուածք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթ վրայ, որու ձախին տպուած է կաթողիկոսութեան տարբերանշանը։

[lxviii] Համակարգչային շարուածք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու ձախին տպուած է կաթողիկոսութեան տարբերանշանը։

[lxix] Արտաւազդ արք. Թրթռեան (1932-2013) – Կիլիկիոյ Աթոռի միաբան։ Նախակրթութիւնն ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ։ 1945-ին ընդունուած է Անթիլիասի դպրեվանք։ Կուսակրօն քահանայ օծուած է 1952-ին, 1955-ին ստացած է մասնաւոր, 1963-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները, եպիսկոպոս օծուած է 1964-ին: Նոյն տարի ղրկուած է Մարսէյ՝ կազմակերպելու Հարաւային Ֆրանսայի թեմը։ Անյաջողութեան մատնուելով, 1970-ին վերադարձած է Անթիլիաս, եւ զանազան պաշտօններ զբաղցուցած կաթողիկոսարանի համակարգին մէջ՝ «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր, դպրեվանքի տեսուչ եւ այլն։ 1973-ին արժանացած է արքութեան պատիւին։ 1995-ի Ապրիլէն 1 Յուլիս եղած է կաթողիկոսական տեղապահ, 1997-ին նշանակուած է կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ՝ շարունակելով դասախօսել Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ։

[lxx] Զարեհ եպս․ Ազնաւորեան (1947-2004) – Կիլիկիոյ Աթոռի միաբան։ Աստուածաբան, երաժշտագէտ, դասախօս, խմբագիր, աղբիւրագէտ։ Յաճախած է Էշրեֆիէի Ազգ․ Եփրեմեան Վարժարան, որն աւարտելէ ետք 1960-ին ընդունուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1966-ին։ 1969-ին ստացած է մասնաւոր, 1980-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները։ 1980-ին ալ օծուած է եպիսկոպոս։ 1969-1972-ին ուսանած է Հռոմի Արեւելեան Ուսմանց Հիմնարկին մէջ։ 1977-ին նշանակուած է Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ, 1979-ին ընտրուած է նոյն թեմի առաջնորդ։ 1983-ին Անթիլիաս վերադառնալէ ետք զանազան պաշտօններ վարած է՝ առաւելաբար զբաղելով Հին եւ Նոր Կտակարաններու թարգմանութեանց վերստուգումով։ Կեանքի վերջին տարիներուն եղած է կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչը։ Ողջութեան եւ յետմահու լոյս տեսած են իր միտքի արգասիքն եղող շուրջ 40 հատորներ եւ գրքոյկներ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Հայաստանի, Գանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ։

[lxxi] Հրաչ Տասնապետեան (1928-2001) – Հ․ Յ․ Դ․ի եւ կրթական գործիչ։ Նախակրթութիւնն ստացած է Հալէպի եւ Պէյրութի հայկական ու ֆրանսական դպրոցներու մէջ։ Ֆրանսայէն վկայուած է իբրեւ տարրաբանութեան ճարտարագէտ։ 1953-էն մինչեւ 2000 ուսուցչագործած է Համազգայինի Պէյրութի Նշան Փալանճեան եւ Մըզհերի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարաններուն մէջ, 1968-էն մինչեւ մահը՝ նաեւ իբրեւ զոյգ կրթարաններու տնօրէն։ 1967-էն մինչեւ մահը եղած է Հ․ Յ․ Դ․ Բիւրոյի անդամ։ Հ․ Յ․ Դ․ի պատմութեան վերաբերող գիրքերու հեղինակ եւ փաստաթուղթերու ժողովածուներու կազմող ու խմբագիր է։ Հեղինակած է նաեւ գիտութեան դասագիրքեր։

[lxxii] Գէորգ Գանտահարեան (1925-2006) – Հ․ Յ․ Դ․ի, հասարակական, մշակութային եւ կրթական գործիչ։ Ուսանած է Հալէպի եւ Պէյրութի հայկական վարժարաններու եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, ուր հետագային ուսուցչագործած է երկար տարիներ՝ դասաւանդելով երաժշտական առարկաներ։ 35 տարի դասաւանդած է նաեւ Համազգայինի Լիբանանի երկու ճեմարաններուն, նոյնի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին եւ Հայկազեան Գոլէճ/Համալսարանին մէջ։ 1960-ականներուն եղած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ Ազգ․ Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն։ Կազմած եւ խմբավարած է քանի մը երգչախումբեր։

[lxxiii] Ձեռագիր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու ձախին տպուած է կաթողիկոսութեան տարբերանշանը։ Ինքնագիր։

[lxxiv] Բարսեղ Թուղլաճեան (անուան թրքացուած տարբերակով՝ Բարս Թուղլաճը, 1933-2016) – Պոլսահայ մտաւորական, մանկավարժ, բառարանագիր, հանրագիտակ։ 1946-1951-ին ուսանած է Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ Անգլերէնի մէջ հմտացած է Միչիկընի Համալսարանին մէջ։ Վերադառնալով ծննդավայր Սթամպուլ, անգլերէն դասաւանդած է տարբեր դպրոցներու մէջ։ Ստեղծագործած է առաւելաբար թրքերէնով։ Հեղինակած է 20-է աւելի արժէքաւոր բառարաններ ու հանրագիտարաններ։

[lxxv] Մանուշակ Պոյաճեան (1946-2005) – Լիբանանահայ հասարակական եւ կրթական գործիչ: Կրթութիւնն ստացած է Լիբանանի ֆրանսական դպրոցներու մէջ։ Այդուհանդերձ, 1960-էն մինչեւ մահը ծառայած է հայ դպրոցին․ յաջորդաբար պաշտօնավարած է Ազգ․ Սուրէն Խանամիրեան Գոլէճին, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին, նոյն միութեան Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ: 1985-էն մինչեւ մահը եղած է Ազգ․ Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի տնօրէնուհին (1985-1989-ին՝ տոքթ․ Բաբգէն Փափազեանի հետ)։ Երկար տարիներ եղած է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, 1998-2002-ին՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ:

[lxxvi] Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան (1931-1993) – Լիբանանահայ մատենագէտ, մանկավարժ եւ խմբագիր: Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունքը։ 1960-էն մինչեւ մահը հայոց լեզու դասաւանդած է Հայ Աւետ․ Գոլէճին մէջ։ Հայ պարբերական մամուլի եւ գրահրատարակչութեան քալող հանրագիտարան էր։ Այս ոլորտներուն մասին հրատարակած է արժէքաւոր բազմաթիւ գիրքեր, գրքոյկներ, յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ։

[lxxvii] Երուանդ Փամպուքեան (ծնած է 1933-ին՝ Հալէպ) – Հ․ Յ․ Դ․ի եւ կրթական գործիչ, խմբագիր, պատմաբան: Յաճախած է ծննդավայրի Ազգ․ Սահակեան Վարժարան, ապա Քարէն Եփփէ Ազգ․ Ճեմարան։ 1954-1958-ին ուսանած է Պելճիքայի Լիւվենի Համալսարանի Ընկերային եւ Քաղաքական Գիտութեանց Բաժանմունքին մէջ։ 1958-2002-ին հայոց պատմութիւն եւ հայկական մատենագրութիւն դասաւանդած է Համազգայինի Պէյրութի Նշան Փալանճեան եւ Մըզհերի Մելքանթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարաններուն, որոշ տարիներ՝ նաեւ Ազգ․ Սուրէն Խանամիրեան Գոլէճին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ։ 1975-էն մինչեւ փակուիլը 2005-ին՝ եղած է Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին տնօրէնը։ Երկար տարիներ եղած է Հ․ Յ․ Դ․Բիւրոյի անդամ, 1970-1978-ին՝ Հ․ Յ․ Դ․ի «Ազդակ» օրաթերթին տնօրէնը։ Կազմած, խմբագրած ու ծանօթագրած է Հ․ Յ․ Դ․ի պատմութեան առնչուած բազմաթիւ գիրքեր եւ փաստաթուղթերու ժողովածուներ։

[lxxviii] Սահակ վրդ․ Քեշիշեան (1917-2005) – Կրօնական, կրթական եւ սկաուտական գործիչ, թարգմանիչ: Յիսուսեան Ընկերութեան անդամ։ Կրթութիւնն ստացած է ֆրանսական դպրոցներու մէջ։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1948-ին։ 1952-1960-ին եղած է միաբանութեան Հալէպի Վարդանանց Վարժարանի, 1960-1998-ին՝ Պէյրութի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի տնօրէն։ 1965-1974-ին հայկական մատենագրութիւն դասախօսած է Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Հայագիտութեան Ամպիոնին մէջ։ 1949-էն 1999 եղած է սկաուտներու հոգեւոր վարիչ։ Մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի սկաուտական շարժման կազմակերպման մէջ։ Ֆրանսերէնի թարգմանած է հայ եկեղեցական գրականութեան գործեր, այդ թիւին՝ Ս․ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը։

[lxxix] Գրամեքենագրուած՝ ՀԵԿԴ-ի հայերէն անգլերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին ամենէն վերը տպուած հաւասարաթեւ խաչ մը, ամենէն վարը՝ Մարկոսի Աւետարանի Ժ. գլուխին 14-րդ համարը՝ արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն։ Բնագիր։

[lxxx] Գրամեքենագրուած՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի եւ սովորական թուղթի մը վրայ: Ձեւաթուղթին վերը, մէջտեղը, տպուած է ծաղկեալ խաչ։ Բնագիր։

[lxxxi] Պէպօ Սիմոնեանի «Գարեգին Ա․ Կաթողիկոս Յովսէփեան» վերնագրուած գրութիւնը լոյս տեսած է «Հասկ»ի ԾԶ․ տարի, 1987, թիւ 6-7, Յունիս-Յուլիսի թիւին մէջ, էջ 288-298։ Պարբերականին խմբագրութիւնը 288-րդ էջին տակ տեղադրած է հետեւեալ ծանօթագրութիւնը․ «Խօսուած 13 Փետրուարին, Քրիս․ Դաստ․ Բաժանմունքի դասախօսական շարքին»։

[lxxxii] Համակարգչային շարուածք՝ Կիլիկեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեանի Խմբագրական Մարմին վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը, օրը, ամսանունն ու Պէյրութ տեղանունը գրամեքենագրուած են: Էջին վարի անգլերէն տուեալները առնուած են անկիւնները կլորցուած ուղղանկիւնի մէջ։

[lxxxiii] «Յուշամատեան Կիլիկեան Կրթ․ Հաստատութեան (1921-1996)», կազմող եւ խմբագիր՝ Ռուբէն Տիրարեան, հրատարակութիւն Կիլիկեան Շրջանակի Խնամակալութեան, Հալէպ, 1996, 1038 էջ։

[lxxxiv] Գրամեքենագրուած՝ արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն-անգլերէն խառնալեզու վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[lxxxv] Գրամեքենագրուած՝ Կիլիկեան Շրջանակի Խնամակալութեան հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[lxxxvi] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ հայերէն գրամեքենագրուած վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[lxxxvii] Գրամեքենագրուած՝ միութեան անուան հայերէն վերտառութեամբ գրամեքենագրուած թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[lxxxviii] Եղիկ Գոնիալեան (1919-2002) – Հ․ Յ․ Դ․ի եւ հասարակական գործիչ, դասախօս։ Մասնագիտութեամբ՝ ատամնաբուժ: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ տեղափոխուած է Լիբանան։ Աւարտած է Ազգ․ Ս․ Նշան Վարժարանը, Համազգայինի Հայ Ճեմարանը եւ Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Ատամնաբուժութեան Բաժինը, ուր դասախօսած է մինչեւ Ա․ Մ․ Ն․ գաղթելը 1986-ին։ 1964-ի Յունիսին, կրթարանի գոյառման օրէն, նշանակուած է Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան Գոլէճի Խնամակալութեան ատենապետ: 1960-ականներուն եղած է Հ․ Յ․ Դ․ի Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, քիչ ժամանակով՝ անոր հերթապահը: 1990-ի Հոկտեմբերէն 1994-ի Սեպտեմբեր եղած է Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը:

[lxxxix] Գրամեքենագրուած՝ արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Ձեւաթուղթին վերը, մէջտեղը, Կեդրոնական Վարչութիւն բառերէն առաջ տպուած է միութեան տարբերանշանը՝ հայերէնի Հ տառը՝ սեւ քառակուսիի մէջ: Պէպօ Սիմոնեանին եւ UNESCO-ի անունները ձեռագիր են։ Բնագիր։

[xc] Գրամեքենագրուած՝ առանց վերտառութեան, սովորական թուղթի վրայ։ Թուականը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[xci] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «հրատարակել կարենալու»։

[xcii] Շաւարշ Թորիկեան (1926-1990) – Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, համալսարանի դասախօս, իրաւագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր, հասարակական գործիչ։ Մինչեւ 1948 ապրած է Պաղեստինի մէջ եւ հոն ու Լիբանանի մէջ մինչեւ 1954 աշխատած է օտար ընկերութեանց մէջ։ 1954-1957-ին եւ 1957-1963-ին ուսանած է, յաջորդաբար, Լոնտոնի եւ Օքսֆորտի համալսարաններու իրաւաբանութեան բաժանմունքներուն մէջ։ Միջազգային իրաւունք դասախօսած է Պէյրութի Ամերիկեան եւ Լիբանանեան համալսարաններուն մէջ։ 1966-էն որոշ ժամանակ վարած է Լիբանանի փոխադրութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը։ Պէյրութի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսած են Թորիկեանի հեղինակած «Հայկական Հարցը Եւ Միջազգային Օրէնքը» (1976, 311 էջ) եւ «Հայասպանութիւնը Եւ Ամերիկեան Քոնկրէսը» (հրատարակութիւն Հայ Դատի Յանձնախումբի, 1978, 297 էջ) արժէքաւոր աշխատութիւնները:

[xciii] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին վերտառութեամբ հայերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Պէպօ Սիմոնեանի անունը եւ կարգ մը նշումներ գրամեքենագրուած են։ Ձեւաթուղթին ամենէն վերը, աջին՝ տպուած է Համազգայինի տարբերանշանը։ Բնագիր։

[xciv] Յ․ Գեղարդ (Յարութիւն Գազանճեան, 1928-2006) – Լիբանանահայ գրող, հրապարակագիր, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ ատամնաբուժ: Յաճախած է Ազգային Սուրբ Նշան Վարժարան եւ Համազգայինի Հայ Ճեմարան։ 1954-ին աւարտած է Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Ատամնաբուժութեան Բաժինը։ 1965-1985-ին անդամակցած է բազմաթիւ միութիւններու ղեկավար մարմիններու, յաճախ եղած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

[xcv] Յովհաննէս Սալիպեան – Լիբանանահայ երաժշտագէտ եւ երաժշտահան։ Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցը, ապա դասաւանդած Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցին մէջ։

[xcvi] Հուրի Բանեան – Հետագային՝ տիկին Պոյամեան։ Դուստրն է Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երկարամեայ հսկիչ Գառնիկ Բանեանի։ Գաղթելով Ա․ Մ․ Ն․, 35 տարի (1989-2024) եղած է Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի տնօրէնուհին։

[xcvii] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին վերտառութեամբ հայերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Պէպօ Սիմոնեանի անունը եւ կարգ մը նշումներ գրամեքենագրուած են։ Ձեւաթուղթին ամենէն վերը, աջին՝ տպուած է Համազգայինի տարբերանշանը։ Բնագիր։

[xcviii] Համակարգչային շարուածք՝ Հայաստանի Գրողների Միութեան հայերէն եւ ռուսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Ձեւաթուղթին վերը, ձախին, տպուած է ՀԳՄ յապաւումը։

[xcix] Համակարգչային շարուածք։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։

[c] Ձեռագիր՝ առանց վերտառութեան սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[ci] Տպագիր ստացագիր։ Լրացումները ձեռագիր են։ Բնագիր։

[cii] Համակարգչային շարուածք՝ Հայաստանի Գրողների Միութեան հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Ձեւաթուղթին վերը, ձախին, տպուած է ՀԳՄ յապաւումը։

[ciii] Լեւոն Անանեան (1946-2013) – Հայրենի գրող, խմբագիր, գրահրատարակիչ, հասարակական գործիչ։ 1968-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքը։ Եղած է «Մանկավարժ» թերթին խմբագիրը, 1990-2001-ին՝ «Գարուն» ամսագիրին գլխաւոր խմբագիրը։ 1994-ին հիմնած է «Ապոլոն» հրատարակչութիւնը՝ նպատակ ունենալով տպագրել գրողներու ստեղծագործութիւնները։ 2000-ականներու սկիզբէն դասախօսած է Ե․ Պ․ Հ․ի Լրագրութեան Բաժանմունքին մէջ։ Եղած է Հայաստանի Գրողների Միութեան նախագահը 2001-էն մինչեւ մահը։

[civ] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը ձեռագիր է։ Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[cv] Գրամեքենագրուած է՝ «համար», ապա վրան ձեռագիր գրուած՝ «առթիւ»:

[cvi] «Գիր ու Գիրք» – «Պարբերագիրք Հայ Գրականութեան Բարեկամներու Միութեան»։ Շարունակութիւնն է 1956-1969-ին հրատարակուած «Հաղորդագրութիւն» պարբերականին։ Լոյս տեսած է 1970-1980-ին՝ Նիւ Եորքի մէջ, ընդամէնը 29 համար, ոմանք՝ միացեալ թիւերով։ Խմբագիր՝ Խաչատուր Ն․ Մակարեան։

[cvii] «Գիր ու Գիրք» պարբերագիրքի 16-րդ տարի, 1972, թիւ 9-12 բացառիկ համարի 142-143-րդ էջերուն մէջ լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի «Գիրքերու Հետ – «Անմիջական Գրականութիւն» (1971, Պէյրութ)» գրութիւնը, որ, փաստօրէն գրախօսութիւնն է նոյնանուն «գրական երիտասարդ խմբակի» հրատարակած ժողովածուին:

[cviii] Համակարգչային շարուածք՝ Հ. Մ. Մ.ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վերը, մէջտեղը, տպուած է Հ. Մ. Մ.ի տարբերանշանը՝ վահան, որու մէջ վերէն վար տպուած են՝ Հ. Մ. Մ. – HOMENMEN – 1921 – շրջանագիծի մէջ պատկերուած հնգաթեւ աստղի ետնաբեմի վրայ՝ սեւ զանգակ։

[cix] Ձեռագիր՝ Հ. Մ. Մ.ի Գալիֆորնիոյ մասնաճիւղի հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վերը, ձախին, տպուած է Հ. Մ. Մ.ի տարբերանշանը՝ վահան, որու մէջ վերէն վար տպուած են՝ Հ. Մ. Մ. – HOMENMEN – 1921 – շրջանագիծի մէջ պատկերուած հնգաթեւ աստղի ետնաբեմի վրայ՝ սեւ ու մոխրագոյն զանգակ։ Ինքնագիր։

[cx] Ձեռագիր՝ Հ. Մ. Մ. Համալսարանական Միութեան արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Արաբերէնին տակը, հայերէն ու անգլերէնին միջեւ տպուած է Հ. Մ. Մ.ի տարբերանշանը։ Ինքնագիր։

[cxi] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ստորագրութենէն սկսեալ ձեռագիր է։ Բնագիր։

[cxii] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cxiii] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրա։ Թիւ 1-5-ի հասցէներու նշումները ձեռագիր են։ Բնագիր։

[cxiv] Բարսեղ Գարթալեան – Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Արեւմտեան Ա․ Մ․ Ն․ի գրասենեակի տնօրէնը։

[cxv] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ։ Վերտառութեան ձախին տպուած են՝ սեւով՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․, տակը մոխրագոյնով՝ AGBU յապաւումները։ Բնագիր։

[cxvi] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cxvii] Խօսքը կը վերաբերի դաշնակցական գրականագէտ, խմբագիր եւ կրթական գործիչ Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար Մը Գրականութիւն – Ա․ հատոր (1850-1920)»ի Բ․ հրատարակութեան («Ստիվըն Տէյ Փրես», Պոստըն, 1977)՝ Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։

[cxviii] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cxix] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Հայերէն յետգրութեանը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[cxx] Լեւոն Մկրտիչեանն է։

[cxxi] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cxxii] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Վերտառութեան ձախին տպուած են՝ սեւով՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․, տակը AGBU յապաւումները։ Բնագիր։

[cxxiii] Համակարգչային շարուածք՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինի անգլերէն եւ հայերէն տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cxxiv] Գրամեքենագրուած՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Ա. Մ. Ն.ի Արեւմտեան Շրջանի միայն անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Էջին վերը տպուած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի տարբերանշանը։ Բնագիր։

[cxxv] Գրամեքենագրուած՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Ա. Մ. Ն.ի Միջին Արեւմուտքի Շրջանի անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Հայերէն անուան առաջին երկու բաղադրիչներէն ետք տպուած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի տարբերանշանը։ Բնագիր։

[cxxvi] Գրամեքենագրուած՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Գանատայի Շրջանակի անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Վերտառութեանց ձախին տպուած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի տարբերանշանը՝ առնուած զարդանկարի մը մէջ։ Բնագիր։

[cxxvii] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ դպրոցի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ գրամեքենագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[cxxviii] Անժել Ճանճանեան (1937-2018) – Լիբանանահայ կրթական գործիչ: Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Ուսողութեան Բաժինը, հետեւած դպրոցի տնօրէններու համար Հարվըրտի Համալսարանի դասընթացքներու։ 41 տարի (1958-1999) ուսողութիւն, գրահաշիւ ու եռանկիւնաչափութիւն դասաւանդած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Երկրորդական Վարժարանին ու Դարուհի-Յովակիմեան միացեալ վարժարանին (1958-1993) եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Պօղոս Գ․ Կարմիրեան Միջնակարգ Վարժարանին մէջ (1993-1999), 1977-1993-ին եղած է առաջին դպրոցի, 1993-1999-ին՝ վերջին դպրոցի տնօրէնուհին։ Ապա լքուած է Հ․ Բ․ Ը․Մ․ի շրջանակին կողմէ, հիւանդութիւններէ տառապած ու դրուած Ազունիէի Ազգային Բուժարանը, ուր մահացած է իր ծննդեան 81-րդ տարեդարձին օրը՝ 17 Դեկտեմբեր 2018-ին․․․

[cxxix] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ դպրոցի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունն ու ստորագրութիւններէն ետքի գրութիւնը ձեռագիր են։ Բնագիր։

[cxxx] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ միութեան միայն հայերէն անուան վերտառութեամբ գրամեքենագրուած ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[cxxxi] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «գնահատել կարենալու»։

[cxxxii] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Ե․ Ը․ի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի (որուն աջին տպուած է Հ․ Ե․ Ը․ի տարբերանշան-վահանը) եւ սովորական թուղթի մը վրայ։ Ձեւաթուղթին տակը տպուած են կապի տուեալները՝ անգլերէն եւ արաբերէն՝ Watwat st. – P. O. Box 1326 Beirut – Phone 249522։ Բնագիր։

[cxxxiii] Թերթի կտրօնին վրայ որեւէ նշում չէ արձանագրուած։ Այդուհանդերձ, ան շատ հաւանաբար կտրուած է «Զարթօնք» օրաթերթէն, որու 12 Յունիս 1977-ի թիւի 4-րդ էջին վրայ լոյս տեսած է այս ծանուցումը։ Ծանուցումը չի հանդիպիր նոյն օրաթերթի նախորդ օրերու թիւերուն կամ լիբանանահայ ուրիշ թերթերու մէջ։

[cxxxiv] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Ե․ Ը․ի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու աջին տպուած է Հ․ Ե․ Ը․ի տարբերանշան-վահանը։ Բնագիր։

[cxxxv] Վարդան վրդ․ Աշգարեան (1937-2012) – Հետագային՝ եպիսկոպոս։ Վիեննական Մխիթարեան միաբան, բանաստեղծ, հրապարակագիր, կրթական գործիչ։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1961-ին։ 1961-1964-ին ծառայած է Գահիրէի (Հելիոպոլսոյ) Մխիթարեան Վարժարանի փոխտեսուչ, 1964-1987-ին՝ Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէն եւ գրականութեան ու բարոյագիտութեան ուսուցիչ, զուգահեռաբար՝ 1965-1975-ին՝ դասախօս Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Արեւելեան Լեզուներու Բաժինին մէջ։ 28 Սեպտեմբեր 1987-էն Վատիկանէն արժանացած է Թոքաթի տիտղոսաւոր եպիսկոպոսի կոչումին։ 17 Յունուար 1988-ին եպիսկոպոս օծուած օրէն Դեկտեմբեր 2000՝ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս, 2001-ի Յունուարէն Նոյեմբեր 2011՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ։ 2011-ին հանգստեան կոչուած է ու անցած Վիեննա։ Յաճախ հանդէս եկած է Վարդան Զօրենց գրչանունով։

[cxxxvi] Լեւոն Նահապետեան – Լիբանանահայ կրթական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ փաստաբան։ 1978-1986-ին եղած է Պուրճ Համմուտի Ազգ․ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճի տնօրէնը։ Հետագային հաստատուած է Ա․ Մ․ Ն․։

[cxxxvii] Արթուն Համալեան (ծնած է 1949-ին՝ Պէյրութ) – Լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ կրթական եւ հասարակական գործիչ։ Յաճախած է Ազգային Ս․ Նշան Վարժարան, Հայ Աւետարանական Գոլէճ եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարան։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն արժանացած է գիտական աստիճաններու հոգեբանութեան եւ կրթական վարչարարութեան մէջ։ 1975-1981-ին եղած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․-Հ․ Ե․ Ը․ի վարիչ-քարտուղարն ու միութեան Պէյրութի Ալեք Մանուկեան Երիտասարդական Կեդրոնի տնօրէնը։ 1981-1988-ին եղած է Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնը։ 1988-ի Յուլիսին հաստատուած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր ստանձնած է Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան Վարժարանին տնօրէնութեան, այնուհետ՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի կրթական հարցերու պատասխանատուի եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի նախագահի խորհրդատուի պաշտօնները։

[cxxxviii] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ Հ․ Ե․ Ը․ի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու աջին տպուած է Հ․ Ե․ Ը․ի տարբերանշան-վահանը։ Պէպօ Սիմոնեանին եւ դպրոցին անունները ձեռագիր են։ Ձեւաթուղթին տակը տպուած են կապի տուեալները՝ ֆրանսերէն եւ արաբերէն՝ Centre Zabel Movsessian, Sin el-Fil, B. P. 55433, Tél. 490765 – 484095։ Բնագիր։

[cxxxix] Համակարգչային շարուածք Հ․ Ե․ Ը․ի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ, որու աջին տպուած է Հ․ Ե․ Ը․ի տարբերանշան-վահանը։ Էջին վարը տպուած են կապի տուեալները արաբերէն եւ անգլերէն՝ Demirdjian Center – Naccash – P. O. Box 402 (Antelias) – Lebanon – Tel. & Fax: 01-523043/4։ Բնագիր։

[cxl] Վերժին Չերչեան-Աբրահամեան։

[cxli] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Երիտասարդաց Լիկայի միայն սպաներէն ձեւաթուղթի վրայ։ Էջին վերը, ձախին, Երիտասարդաց Լիկայի սպաներէն տարբերանշանն է՝ շրջանագիծը, որուն մէջ տեղ գտած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի տարբերանշանը։ Բնագիր։

[cxlii] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է սխալ ձեւով՝ «ուղղարկել»։

[cxliii] Ծալովի տպագիր հրաւիրատոմս՝ առանց վերտառութեան։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[cxliv] Գրամեքենագրուած՝ Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որուն վերը, ձախին, յատուկ ձեւաւորումով տպուած են կրթարանի անուան ԵՀՀՀ սկզբնատառերը։ Բնագիր։

[cxlv] Ճիշդն է՝ գործուն:

[cxlvi] Գրամեքենագրուած՝ Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որուն վերը, ձախին, յատուկ ձեւաւորումով տպուած են կրթարանի անուան ԵՀՀՀ սկզբնատառերը։ Բնագիր։

[cxlvii] Ռուբէն Սաքապետոյեան (1944-2020) – Հայրենի լեզուաբան, բառարանագիր, դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր: Երեք տարեկանին հայրենադարձած է ընտանիքին հետ։ 1966-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքը, ուր 1970-էն մինչեւ մահը, կէս դար, դասախօսած է։ 1991-1993-ին եղած է Պէյրութի Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին տնօրէնը։

[cxlviii] Գրամեքենագրուած՝ առանց վերտառութեան, սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cxlix] Յակոբ Ալթունեան (1923-2019) – Լիբանանահայ հասարակական գործիչ: Յաճախած է Համազգայինի Պէյրութի Հայ Ճեմարանը եւ Ֆրերներու դպրոցը, այնուհետ աւարտած է Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Իրաւաբանութեան Բաժանմունքը։ 1951-էն մինչեւ Գանատա մեկնումը 1998-ին՝ աշխատած է Պուրճ Համմուտի մէջ ներքնազգեստի արտադրութեան Ապրոյեան Հաստատութեան մէջ, 1960-էն՝ անոր տնօրէնը։ 1960-1968-ին եղած է Թ․ Մ․ Մ․ի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետը, երկար տարիներ անդամ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին, 1988-1993-ին՝ անոր ատենապետը։

[cl] Հայկ Թիլպեան (1945-1999) – Լիբանանահայ հասարակական գործիչ, ընկերային ծառայող: Եղած է 1974-1976-ին՝ Հայկազեան Գոլէճի Արձանագրութեանց Գրասենեակի վարիչ, 1977-էն մինչեւ մահը՝ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի տնօրէնը։ Եղած է նաեւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի անդամ, 1990-ականներուն՝ անոր ատենապետը։ Իր մասին լոյս տեսած է «Անզուգական Մարդը, Ամբողջական Հայը» յուշագիրքը (խմբագիր՝ Ժիրայր Դանիէլեան, հրատարակութիւն Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի, Պէյրութ, 2002, 189 էջ)։

[cli] Տարօրինակ է, որ տիկին Թիւթիւնճեան հրաւիրագիրին մէջ ընդգրկուած է պարոններու շարքին…

[clii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Վերտառութիւնը եւս գրամեքենագրուած է։ Բնագիր։

[cliii] Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթ։ Պէպօ Սիմոնեանին, դպրոցին անունները եւ այլ տեղեկութիւններ լրացուած են ձեռագիրով:

[cliv] Համապատասխանաբար՝ տոքթ․ Տիգրան Վարժապետեան, Գերսամ Ահարոնեան, Բերկրուհի Նաճարեան։

[clv] Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթ։ Պէպօ Սիմոնեանի, դպրոցներուն անունները եւ այլ տեղեկութիւններ լրացուած են ձեռագիրով:

[clvi] Պայմանագիրը կազմողները մոռցեր են ջնջել «Հ․ Բ․ Ը․ Միութեան» եւ «վարժարանին» բառերը եւ «ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԼԻՍԷԻՆ» բառերով լրացնել կէտագիծը։ Այս թերութիւնը վերացած է հետագայ տարիներու պայմանագիրներուն մէջ։

[clvii] Բնագիրին մէջ՝ ձեռքով հոծ գիծ քաշուած է։

[clviii] Բնագիրին մէջ՝ չէ լրացուած։

[clix] Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթ։ Պէպօ Սիմոնեանի, դպրոցներուն անունները եւ այլ տեղեկութիւններ լրացուած են գրամեքենագրուած։

[clx] «Հ․ Բ․ Ը․ Միութեան» բառերը գիծով մը ջնջուած են, սակայն մոռցուած է ջնջել «վարժարանին» բառը։

[clxi] Թաաուիտ խաս – Յատուկ հատուցում (արաբերէն)։ Բնագիրին մէջ տպուած է արաբական տառերով։

[clxii] Տնօրէն բառը ջնջուած է վրան քաշուած գիծով մը։

[clxiii] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxiv] Հրաչ Քաջարենց (բուն անունով՝ Հրաչ Քաջոլեան, 1912-1990) – Բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, գրաքննադատ, խմբագիր: Աւարտած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանը, ապա մասնագիտացած է անգլիական եւ ֆրանսական գրականութեանց մէջ։ 1946-ին կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ․ Աղաճանեան զայն Հռոմէն հրաւիրած է Լիբանան, ուր 1947-1980-ին խմբագրած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, որմէ ետք հանգստեան կոչուած է ու ապրած է Զմմառի Սրբուհի Տիրամօր վանքին մէջ։ Բացառիկ բծախնդրութիւն ցոյց տուած է հայոց լեզուի անաղարտութեան նկատմամբ։

[clxv] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxvi] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxvii] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxviii] «Հ․ Բ․ Ը․ Միութեան» բառերը գիծով մը ջնջուած են, սակայն մոռցուած է ջնջել «վարժարան»ին բառը։

[clxix] Պայմանագիրի ձախ լուսանցքին փակցուած են ընդհանուրը 1375 ղուրուշ արժողութեամբ լիբանանեան պետական դրոշմաթուղթեր, որոնց վրայ զարնուած է Յանձնախումբին կնիքը։

[clxx] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxxi] Խօսքը կը վերաբերի Պէպօ Սիմոնեանի «Կանաչներու Առասպելը» տաղարանին, տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 1977, 120 էջ)։

[clxxii] Յարութիւն Եոզկաթեան (1936-1994) – Ռ․ Ա․ Կ․ի, Թ․ Մ․ Մ․ի եւ հասարակական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ ատամնաբուժ: Եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Թ․ Մ․ Մ․ի Հիմնադիրներու Մարմինի եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի անդամ։

[clxxiii] Գրամեքենագրուած՝ Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որուն վերը, ձախին, յատուկ ձեւաւորումով տպուած են կրթարանի անուան ԵՀՀՀ սկզբնատառերը։ Բնագիր։

[clxxiv] Մկրտիչ Լուտվիկի Պուլտուքեան (1938-2024) – Լիբանահայ հասարակական գործիչ, ճարտարապետ, գործարար։ Յաճախած է Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան եւ Պէյրութի Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանները։ Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Ճարտարապետութեան Բաժինը։ Մասնագիտութեամբ աշխատած է Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Երկար տարիներ եղած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․-Հ․ Ե․ Ը․ի Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան եւ Լիբանանի Հայ Ճարտարապետներու Եւ Ճարտարագէտներու Միութեան ատենապետ, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Կրթական Յանձնախումբի անդամ, որոշ ատեն՝ Յանձնախումբի ատենապետը։ Պէյրութի հիւսիսային Զալքա արուարձանին մէջ կառուցած է «Կարտըն Թաուըր» սեփական պանդոկը, ուր 1997-էն կը կայանային լիբանանահայ մտաւորականներու՝ իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Երկուշաբթիի հանդիպում»ները։

[clxxv] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxxvi] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxxvii] Համակարգչային շարուածք՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ, ուր ֆրանսերէնին տակ աւելցուած են՝ TEL & FAX: (01) 405380, 418912։

[clxxviii] Համակարգչային շարուածք՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ձեւաթուղթին վերը, արաբերէն վերտառութեան անմիջապէս տակը պատկերուած են զիրար սեղմող ձեռքեր՝ որոնց վրան ու տակը տպուած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի նշանաբանը՝ «Միութիւնը զօրութիւն է», իսկ ասոնց տակը տպուած է թիկունք թիկունքի տուած եւ մէկ մարմին եղած երկու թռչուններու պատկեր մը։

[clxxix] Սեպուհ Աւետիքեան (ծնած է 1963-ին՝ Պէյրութ) – Կրթական եւ հասարակական գործիչ: Աւարտած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը ու Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքը։ 1988-2002-ին աշխատած է իբրեւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի դիւանապետ, այնուհետ տեղափոխուած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր առ այսօր կը գործէ իբրեւ Միչիկընի նահանգի Սաութֆիլտ քաղաքի Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Վարժարանի պատմութեան ուսուցիչ եւ դպրոցի հայկական բաժինի պատասխանատու։

[clxxx] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxxxi] «Խօսնակ»ի ԼԵ․ տարի, թիւ 7, Մարտ 1994-ի թիւին մէջ լոյս տեսած են լիբանանահայ 8 կրթարաններու տնօրէններու գրութիւններ։ Այդ շարքին մէջ կը բացակայի որեւէ գրութիւն Պէպօ Սիմոնեանէն։

[clxxxii] Համակարգչային շարուածք՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxxxiii] «Խօսնակ»ի ԼԵ․ տարի, թիւ 8, Ապրիլ 1994-ի համարի 26-27-րդ էջերուն մէջ լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի «Եղեռնը եւ հայութեան հրաշափառ յարութիւնը» գրութիւնը։

[clxxxiv] Ձեռագիր՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxxxv] Արմէն Յարութիւնեան (1930-2018) – Լիբանանահայ գործարար, հրապարակագիր-«նամակագիր», գրահրատարակիչ, Մայր Աթոռի եւ ազգային բարերար: Յաճախած է ծննդավայր Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարան եւ Ալեփփօ Գոլէճ, ապա մտած կեանքի ասպարէզ։ 1961-ին տեղափոխուած է Պէյրութ։ Անդամակցած է սկիզբը Հալէպի, ապա Լիբանանի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան, երկար տարիներ եղած է վերջինիս ատենապետը։ Էական դեր ունեցած է Երեւանի մօտակայ Նոր Այնթապ գիւղի ժանեակի գործարանի գոյառման եւ գերմանական մեքենաներով ապահովման մէջ։ 60-է աւելի հրատարակութեանց մեկենասն է։ Հեղինակն է «Նամակներ Պէյրութէն» եռահատոր հրապարակագրական ժողովածուներուն (Պէյրութ, 2008-2014, գումարային 928 էջ) եւ համահեղինակը Լեւոն Հախվերտեանի հետ իր նամակագրութեան հատորին (կազմող, խմբագիր եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Գէորգ Եազըճեան, «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2008, 432 էջ + 32 էջ ներդիր)։

[clxxxvi] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու վերի ձախ ու աջ կողմերը տպուած են ժողովի անդամներուն եւ պատուոյ անդամներուն անունները։ Բնագիր։

[clxxxvii] Գրիգոր Կիրակոսեան։

[clxxxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[clxxxix] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու վերի ձախ ու աջ կողմերը տպուած են ժողովի անդամներուն եւ պատուոյ անդամներուն անունները։ Բնագիր։

[cxc] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որու վերի ձախ ու աջ կողմերը տպուած են ժողովի անդամներուն եւ պատուոյ անդամներուն անունները։ Բնագիր։

[cxci] Գրամեքենագրուած՝ առանց վերտառութեան սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cxcii] Հայերէնին անյարիր շարադասական եւ լեզուական միւս անհարթութիւնները բնագիրինն են։ Շատ յստակ է, որ փաստաթուղթը կազմուած է անգլերէն, ապա թարգմանուած հայերէնի՝ հայերէնի լեզուամտածողութիւն չկրող անձի կողմէ։

[cxciii] Ճիշդն է՝ «գործուն»։

[cxciv] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ առանց վերտառութեան սովորական թուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը աւելցուած է ձեռագիրով։ Բնագիր։

[cxcv] Ձեռագիր՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[cxcvi] Ժիրայր Դանիէլեան։

[cxcvii] Ձեռագիր՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[cxcviii] «Շիրակ» ամսագիրի ԼԵ․ տարի, 1991, թիւ 3-5, Մարտ-Ապրիլ-Մայիս միացեալ համարի 182-187-րդ էջերուն մէջ լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի «Գառզուն Թ․ Թորանեանի «Իր Ժամանակի Վկան Եւ Ապագայի Դեսպանը» հատորին ընդմէջէն» գրախօսութիւնը։

[cxcix] Ձեռագիր՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[cc] «Շիրակ» ամսագիրի ԼԶ․ տարի, 1992, թիւ 5-6, Մայիս-Յունիս միացեալ համարի 49-55-րդ էջերուն մէջ լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի «Քաղաքը» կարճ պատմուածքը՝ 17-ամեայ պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ դուրս եկած Պէյրութի մասին։

[cci] Գրամեքենագրուած՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեան տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccii] Համակարգչային շարուածք՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Վեթերաններու եւ Բարերարներու Համախմբումի արաբերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cciii] Շահէ Պապահէքեան – Լիբանանահայ մշակութային եւ հասարակական գործիչ։ Աւարտած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանը։ Տարբեր պաշտօններ զբաղցուցած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի եւ Հ․ Ե․ Ը․ի Լիբանանի մարմիններուն մէջ, ինչպէս Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Վեթերաններու եւ Բարերարներու Համախմբումի ատենադպրութիւնը։ Վերջին տարիներուն Հ․ Բ․ Ը․ Մ․-Հ․ Ե․ Ը․ի Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետն է։

[cciv] Յակոբ Պոտրումեան (1941-2004) – Լիբանանահայ գրող, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ, թարգմանիչ, Արմենիզմի գաղափարախօս: Յաճախած է ծննդավայր Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարան, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն եւ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարան։ Աւարտած է Երեւանի Փոլիթեքնիք Հիմնարկը՝ քաղաքաշինարար երկրաչափի մասնագիտութեամբ։ Երկար տարիներ եղած է Լիբանանի Չորք Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան, 1990-ականներուն՝ Հ․ Բ․ Ը․Մ․ի Լիբանանի Վեթերաններու եւ Բարերարներու Համախմբումի Վարչութեան ատենապետը։ Համահիմնադիրներէն է Հայաստանէն Շրջանաւարտներու Լիբանանի Միութեան։ Անգլերէնէ թարգմանած ու հրատարակած է քանի մը գիրք։ Հեղինակած ու 1987-1993-ին հրատարակած է հայերէն երեք գրքոյկ։

[ccv] Գրամեքենագրուած՝ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccvi] Գրամեքենագրուած՝ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ։ Երկլեզու անուններուն ձախին տպուած է Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի տարբերանշանը, իսկ ձախ լուսանցքին տպուած են միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն անունները։ Բնագիր։

[ccvii] Զաւէն Ղարիպեան – Լիբանանահայ մշակութային եւ հասարակական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ էլեկտրական ճարտարագէտ։ Եղած է Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմինի ատենադպիր, 1990-ականներուն՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․-Հ․ Ե․ Ը․ի Ալեք Մանուկեան Երիտասարդական Կեդրոնի Մշակութային Յանձնախումբի անդամ։ 2010-ականներէն Այնճարի իր տան մէջ կը կազմակերպէ հայ գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի ընթերցման, ունկնդրման ու քննարկման «Մեծարենցեան երեկոներ»։

[ccviii] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր երկու, նոր ձեւաթուղթերու վրայ։ Երկլեզու անուններուն ձախին տպուած է Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի տարբերանշանը։ Բնագիր։

[ccix] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է ուղղագրական սխալով՝ «դժուարահարոյց»։

[ccx] Գրամեքենագրուած՝ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxi] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։

[ccxii] Գրամեքենագրուած՝ Հայկական Հանրագիտարանի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxiii] Կոստանդին Խուդավերդեան (1929-1999) – Պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր, 1988-էն մինչեւ մահը՝ Հայկական Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր:

[ccxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxvi] Ձեռագիր՝ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ Գանատայի հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ ու անոր դարձերեսին։ Վերտառութեանց աջին տպուած է Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի տարբերանշանը՝ Գանատայի խորհրդանիշ թխկիի տերեւի պատկերին տակ։ Միութեան կապի անգլերէն տուեալները տպուած են ձեւաթուղթին ամենէն վարը։

[ccxvii] Բլանթօն – Զինուորական հրամանատարին սպասարկող զինուոր (ֆրանսերէն)։

[ccxviii] Տիգրան Սարաֆեան։

[ccxix] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ

[ccxx] Տէր եւ տիկին Գալուստ եւ Այտա Իմաստունեան։

[ccxxi] «Լուսաբաց Հայրենի Լուրերուն» – Թորոնթոյի հեռաձայնային լրատուական միջոց։ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Գանատայի մասնաճիւղի նախաձեռնութիւնն էր։ Դադրած է։ Անոր յաջորդած է «Լուսաբաց» ամսաթերթը որ կը շարունակուի առ այսօր։

[ccxxii] Տէր եւ տիկին Աբիկ եւ Ռոզիկ Իմաստունեան։

[ccxxiii] Երէցկին Նազելի Գանըգուրեան-Մանուկեան։

[ccxxiv] Աբէլ վրդ․ Օղլուքեան (ծնած է 1959-ին՝ Պէյրութ) – Կը գործածէ Մանուկեան մականունը։ 1994-էն՝ ամուսնացեալ քահանայ։ Եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, աստուածաբանութեան դոկտոր, պատմա-բանասէր: Ուսանած է Մայր Աթոռի Հոգեւոր ճեմարանին եւ Վիեննայի Համալսարանին մէջ։ 1995-2012-ին եղած է Զուիցերիոյ հայոց հոգեւոր հովիւը, այնուհետ՝ Զուիցերիոյ Կրօնից Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարն է։ Պատմա-բանասիրական տարալեզու շուրջ 20 գիրքերու եւ հարիւրաւոր յօդուածներու հեղինակ է։

[ccxxv] Շողիկ Գանըգուրեան։

[ccxxvi] Ձեռագիր՝ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի Գալիֆորնիոյ մասնաճիւղի հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Վերտառութեանց ձախին տպուած է Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի տարբերանշանը։

[ccxxvii] Ձեռագիր՝ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի Գալիֆորնիոյ մասնաճիւղի հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Վերտառութեանց ձախին տպուած է Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի տարբերանշանը։

[ccxxviii] Պէպօ Սիմոնեանի հարազատ եղբայրը՝ Գրիգոր Գալայճեան։

[ccxxix] Մարի Սաչեան-Չիլինկիրեան։ Հաճընի 1920-ի ինքնապաշտպանութեան մասնակից Ասատուր Սաչեանի դուստրն է, ընկերաբանական գիտութիւններու դոկտոր, սփիւռքագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի մայրը։ Իր հօր՝ «Հերոս» պատուանունով յայտնի Ասատուր Սաչեանի հետեւողութեամբ, շրջապատին մէջ յայտնի էր «Հերոս Մարի» անունով։

[ccxxx] Գրամեքենագրուած՝ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի Լիբանանի մասնաճիւղի հայերէն ֆրանսերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxxxi] Գրամեքենագրուած՝ առանց վերտառութեան սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxxxii] Համակարգչային շարուածք՝ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի Լիբանանի մասնաճիւղի հայերէն ֆրանսերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxxxiii] Լութֆիկ Թապագեան (1941-2022) – Լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ հասարակական գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր։ Մասնագիտութեամբ՝ թատրոնի բեմադրիչ։ Յաճախած է ծննդավայր Հալէպի Վարդանեան եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լազար Նաճարեան – Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանները։ 1959-ին ընտանեօք տեղափոխուելով Լիբանան, յաճախած է Հազմիէի Մխիթարեան Վարժարանը։ Աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստա-Թատերական Հիմնարկի Դերասանութեան Բաժինը։ Պէյրութի մէջ հիմնած է «Վարդան Աճեմեան» թատերախումբը ու եղած անոր եւ Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի «Արտաւազդ» թատերախումբին բեմադրիչը։ 1969-1975-ին եղած է Պէյրութի «Երիտասարդ Հայ» պարբերականի հրատարակութիւնը նախաձեռնող եւ անոր խմբագրական կազմերու անդամ, 1979-1981-ին՝ Ամերիկահայ Յառաջդիմական Միութեան «Լրաբեր» (Նիւ Եորք) եւ 1981-1984-ին ու 1996-1998-ին՝ Ռ․ Ա․ Կ․ի «Նոր Օր» (Լոս Անճելոս) շաբաթաթերթերու խմբագիրը։

[ccxxxiv] Մասշտապ – Տարողութիւն (գերմաներէն)։

[ccxxxv] Ձեռագիր՝ առանց վերտառութեան սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[ccxxxvi] Գրամեքենագրուած՝ Ռ․ Ա․ Կ․ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Վերտառութեան ձախին տպուած է Ռ․ Ա․ Կ․ի զինանշանը։ Բնագիր։

[ccxxxvii] Անդրանիկ Անդրէասեան (1909-1996) – Գրող, Ռ․ Ա․ Կ․ի գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր։ Մեծ Եղեռնի որբերէն։ 1928-ին հաստատուած է Ա․ Մ․ Ն․։ Շուրջ կէս դար խմբագրած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Ա․ Մ․ Ն․ի տարբեր պաշտօնաթերթերը՝ «Նոր Օր» (Ֆրեզնօ, 1937-1957 եւ Լոս Անճելոս, 1970-1977), «Պայքար» օրաթերթ (Պոսթոն, 1957-1970) եւ նոյնանուան գրական եռամսեայ։ Զուգահեռաբար խմբագրական աշխատանքներուն, եղած է վարիչ-քարտուղարը Ռ․ Ա․ Կ․ի Ա․ Մ․ Ն․ի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Շրջանային Վարչութիւններուն։

[ccxxxviii] Ձեռագիր՝ Սահակեան եւ Կիլիկեան Վարժարաններու Օժանդակ Մարմինի հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[ccxxxix] Արսէն Ճերեճեան։

[ccxl] Ձեռագիր՝ Սահակեան Շրջանաւարտից Միութեան հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[ccxli] Երուանդ Գարաճեան (1915-1995) – Բանաստեղծ, թատերագիր, գրաքննադատ, թարգմանիչ, երաժիշտ, կրթական գործիչ: Մեծ Եղեռնի որբերէն։ Մասնագիտութեամբ՝ դեղագործ։ Եղած է «Արարատ Գրական» ամսագիրի խմբագրակազմի անդամ։ Բեղուն աշխատակցութիւն բերած է լիբանանահայ կուսակցական երեք օրաթերթերուն եւ գրական մամուլին, նաեւ լիբանանեան ֆրանսատառ մամուլին։ Հիմնականին մէջ գործածած է «Բազէ» գրչանունը։

[ccxlii] Ազնիւ Կիտուր։

[ccxliii] Գէորգ Գրիգորեան։

[ccxliv] Գրամեքենագրուած՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, ուր այդ կառոյցի անուան վերը տպուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի զինանշանը։ Բնագիր։

[ccxlv] Եփրեմ Թոքճեան – Լիբանանահայ, ապա գանատահայ կուսակցական գործիչ, մամուլի եւ գիրքերու խմբագիր։ Մինչեւ Գանատա հաստատուիլը եղած է Պէյրութի Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան Վարչութեան ատենապետը։ Վերջին տասնամեակներուն կը խմբագրէ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Գանատայի շրջանակի «Լուսաբաց» ամսաթերթը։

[ccxlvi] Գրամեքենագրուած՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxlvii] Գրամեքենագրուած՝ Ս. Դ. Հ. Կ.ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Երկու վերտառութեանց միջեւ, թուղթին վերը, մէջտեղը, տպուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի զինանշանը։

[ccxlviii] Գրամեքենագրուած՝ Ս. Դ. Հ. Կ.ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հայերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[ccxlix] Գրամեքենագրուած՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան հայերէն ու անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Երկու լեզուներով անուններուն միջեւ տպուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի զինանշանը։ Բնագիր։

[ccl] Աւետիս Տէմիրճեան (1922-2012) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ: 1970-ականներու կէսէն երկար տարիներ վարած է կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետութիւնը։

[ccli] Ձեռագիր՝ «Շարժում» պարբերաթերթի միայն սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։ Շարադրանքին լեզուական թերիները բնագիրինն են։ Ուղղած ենք ուղղագրական բազմաթիւ սխալները միայն։

[cclii] Ձեռագիր՝ «Շարժում» պարբերաթերթի միայն սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[ccliii] Ձեռագիր՝ առանց վերտառութեան սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։

[ccliv] Գրամեքենագրուած՝ Հալէպի Տխրունի Ուսանողական Միութեան հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cclv] Գրամեքենագրուած՝ Հալէպի Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cclvi] Գրամեքենագրուած՝ Տխրունի Ուս. Երիտ. Ակումբի հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ակումբի անուան վրայ տպուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի զինանշանը Կնիքէն յետոյ գրութիւնը ձեռագիր է։ Բնագիր։

[cclvii] Տպագիր, Պէպօ Սիմոնեանի անունը՝ ձեռագիր։ Շնորհաւորական յատուկ տպագիր բացիկ՝ ամանորի առթիւ։ Առաջին կողքին վրայ զարդարուն տիկնիկ մը, տակը տպուած է 1982, իսկ շնորհաւորական գրութեան աջին, վերը, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի տարբերանշանը, անոր տակը՝ «Շնորհաւոր» Նոր տարի բառերը:

[cclviii] Գրամեքենագրուած՝ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը գրուած է ձեռագիրով։ Վերտառութեանց ձախին տպուած է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի տարբերանշանը։ Բնագիր։

[cclix] Սուրէն Բաղդասարեան։

[cclx] Գրամեքենագրուած՝ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cclxi] Գրամեքենագրուած՝ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cclxii] Գրամեքենագրուած՝ Սփիւռքահայութեան Հետ Կապերի Կոմիտէի հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։

[cclxiii] Ձեռագիր՝ Հայկական Ուսումնասիրութեանց եւ Հետազօտութեանց Խթանման Ամերիկեան Ընկերութեան (American Society for the Advancement of Armenian Studies & Research, Inc.) միայն անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ձեւաթուղթի ձախ լուսանցքին տպուած է կառոյցի ղեկավար կազմին ամբողջական ցանկը՝ անգլերէն: Օգտագործուած է նաեւ դարձերեսը։

[cclxiv] Գլոբալ – Համընդհանուր (եւրոպական լեզուներ):

[cclxv] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «ուժեղանութեամբ»

[cclxvi] Համակարգչային շարուածք՝ Պաալպէքի Միջազգային Փառատօնի միայն անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Վերտառութեան ձախին տպուած է Փառատօնին տարբերանշանը՝շրանագիծ-անիւ։

[cclxvii] Լորիս Ճգնաւորեան (ծնած է 1937-ին՝ Պորուճերտ քաղաք, Իրան) – Երաժշտագէտ, երաժշտահան, խմբավար: 1950-1954-ին ուսանած է Թեհրանի Երաժշտանոցի ջութակի բաժինին մէջ, 1961-ին աւարտած է Վիեննայի Երաժշտական Ակադեմիայի ջութակի եւ երաժշտահանութեան բաժինները, 1960-ականներուն կատարելագործուած՝ Զալցպուրկի եւ Միչիկընի մէջ։ 1970-1975-ին եղած է Իրանի մշակոյթի նախարարութեան ժողովրդական երաժշտութեան արխիւի տնօրէն, օփերային թատրոնի գլխաւոր խմբավար, Փեհլեւի Մշակութային Հիմնադրամի գլխաւոր երաժշտական տնօրէն։ 1975-1989 ապրած ու գործած է Վիեննայի, Նիւ Եորքի եւ Լոնտոնի մէջ, 1989-2000-ին եղած է Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար։ 2010-էն նոյն պաշտօններով կը գործէ Կլենտէյլի Սիմֆոնիք Նուագախումբին մէջ։

[cclxviii] Ուալիտ Ղոլմիյէ (1938-2011) – Լիբանանցի ականաւոր երաժշտահան եւ խմբավար: Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Ուսողութեան Բաժանմունքը աւարտելէ ետք նուիրուած է երաժշտութեան։ Հիմնադիրն է Լիբանանի Ազգային Սիմֆոնիք եւ Լիբանանի Ազգային Արեւելեան նուագախումբերուն։ Երկար տարիներ եղած է Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին տնօրէնը։

© 2026 Bebo Simonian. All Rights Reserved.