Ա.– ԱՆՀԱՏՆԵՐԷ
- Ա. Արամէն
Պէյրութ, 13 Նոյ[ե]մ[բեր] 1980[i]
Սիրելի՛ Պէպօ,
Տնօրէն Սահակեան-Մկրտիչեան Լիսէի,
Սին էլ-Ֆիլ.
Այս նամակս պիտի ընդունիս փոխան այն շնորհակալութեան զոր պարտական եմ քեզի այն նպաստին փոխարէն զոր կարգադրած ես ի նպաստ տղուս՝ Յովիկ Պօղոսեանի[ii] համար: Փրկարար դեր մը կատարեց տնտեսութեանս վրայ, որուն մասին սրտբացօրէն խօսեր էի նախորդ նամակիս մէջ:
Սրտանց շնորհակալութիւն:
Կը յուսամ դպրոցը իր լաւ ընթացքին մէջ է: Միայն ցաւեցայ այն բանին մասին, թէ այս տարի աւելի նուազ աշակերտ ունիս քան թէ անցեալ տարի: Կ’երեւի դպրոցին դիրքին քիչ մը վտանգաւոր շրջան ըլլալն է պատճառը: Եթէ ասոնց[iii] եւ բանակին մէջ նոր բռնկում տեղի չունենայ, այդ վտանգը անհաւանական է: Միայն կը կարծեմ թէ ասոնք նոր խնդիրներ պիտի ստեղծեն բանակը այդ շրջաններէն թռցնելու: Տար Աստուած նման դէպք մը չպատահէր:
Երէկ նամակ մըն ալ գրեցի Նայիրիին:[iv] Այս վերջին շրջանին յօդուածներուս նկատմամբ պաղ վերաբերում մը կը նշմարեմ ակնյայտօրէն, առանց պատճառը գիտնալու: Երբեմն այնպիսի մանկական քերթուածներուն, աւելի շուտ՝ դպրոցական շարադրութիւններուն տեղ կու տան: Օրինակ Վ. Չարըքեան[v] կոչուածի բոլորովին անտաղանդ եւ անարժէք յօդուածներուն, որոնք դպրոցական շարադրութիւններ իսկ չեն: Չկարդացի՞ր անոր գլուխ-գործոց քերթուածը «Այսօր զէնքի ձայն չկայ» վերնագրով: Ինչպէ՞ս կարելի է թերթին մակարդակը նսեմացնել նման ձաբռտուքներով: Անշուշտ ոչ մէկ ատելութիւն ունիմ Վ. Չարըքեանի անձին նկատմամբ: Բարեկամ ալ է, բայց յաւակնութիւններ ունի: Ստեղծագործութիւնը մանաւանդ քերթողութեան մէջ, կարօտ է տաղանդին, ինչպէս գիտես դուն, որպէս բանաստեղծ: Կրնայ ըլլալ որ առանց իրաւունքի կը կատարեմ այս պարզ խորհրդածութիւնը երբ թերթին պարզ աշխատակիցն եմ: Այսքան: Խմբագրատուն հաւանաբար դեռ կարգի սպասող տասը յօդուած ունիմ: Եւ նորեր պիտի ղրկեմ: Թող չտպագրուին: Ես իմ պարտականութիւնս պիտի կատարեմ: Ինչպէս կատարեր եմ տարիներէ ի վեր՝ անվերապահօրէն:
Կը յուսամ վերջին հատորդ բաւական սպառում ունեցաւ: Հատ մը եւս ինծի ղրկէ՛, փոխարժէքը անմիջապէս կը ղրկեմ: «Շիրակ»ին էջերէն հատուած մը կարդացի: Կորսուած տխուր օրերը գրականօրէն տալու մասնայատուկ առաւելութիւն մի ունիս, ըլլայ պատմումի, կառուցուածքի, լեզուի եւ ոճի տեսակէտով: Ուրախ եմ: Լաւագոյնս յաջողած գործ մը, որ կը փրկէ ժամանակաշրջան մը մեր աղէտալի տագնապէն: Շահանդուխտի[vi] կամուրջներու պատմութիւնը[vii] չսիրեցի: Այդ աղջիկը պարզապէս լրագրող է: Անշուշտ չեմ նախատեր իր այդ արժանիքը: Ան մեր մէջ բացառիկ մէկն է իր սեռէն: Դժբախտաբար ուրիշներ չունինք:
Իսկ ես գիշեր-ցերեկ կ’աշխատիմ գործի մը վրայ: «Կեանքի Եւ Բնութեան Երգեր» վերնագրով քերթուածներու հատոր մըն է, ընդհանրապէս զգայնութիւններ պարունակող: Հարց է թէ պիտի կրնա՞մ զայն գլուխ հանել այս տարիքիս մէջ, որուն դանդաղ հոսանքին երբեմն տխրութիւններ կը խառնուին: Բայց չեմ մոռնար Սիամանթօն,
Երիվար, նպատակս տկարութիւն չի՛ ճանչնար:
Շատ գրեցի: Գիտեմ, զբաղումներդ առաւել են քան քու մէկ անձդ: Քեզի տոկունութիւն, քաջութիւն եւ նոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ:
Մնամ սիրով ու յարգանքներով՝
Ա. Արամ
Բ. Աշտիշատ[viii]
* * *
[Պէյրութ,] 16 Փետրուար [19]81[ix]
Շատ յարգելի պրն. Պէպօ Սիմոնեան,
Տնօրէն՝ Սահակեան-Մկրտիչեան Լիսէի,
Ստացայ Ձեր 16-2-81 թուակիր նամակը:
Շատ դառնացեր էք, մանաւանդ՝ Թորոսեանին[x] երկտողին առթիւ: Կրնայ այդ նամակը ծանր թուած ըլլայ Ձեզի, ըսելիք չունիմ: Կրնայ պատահիլ: Վստահ եմ որ ո՛չ Դուք եւ ո՛չ ալ Թորոսեանը իրար չէք կորսնցներ:
Ձեր մշակութային բաժինին ունեցած սկզբունքներուն ծանօթանալու պատիւը ունիմ: Անոր ալ ըսելիք չունիմ, օրէնքները յարգելու ստիպուած եմ:
Կ’երեւի ես սխալած եմ: Մոռնանք: Մոռնանք նաեւ այն ինչ որ իմ մասիս պիտի գրուէր «Արարատ»ին մէջ: Հրաժարինք եւ մոռնանք այդ ալ: Ազատ էք իմ քերթուածներս, Ձեզ չբաւարարող, տպել կամ ո՛չ: Վերադարձնելու պէտք չունիք: Կրնաք Ձեր մատներուն դիմել, անշուշտ Ձեր մօտ զամբիւղ մը կայ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի իմ քերթուածներուս Ձեզ չբաւարարելու մասին… հոն է որ ըսելիք ունիմ, միշտ բարեկամաբար: Կրնային այդ քերթուածները տկար ըլլալ… Տկա՞ր… Ահա ա՛յս մէկը չեմ ընդունիր: Ձեզի ալ չեմ պարտադրեր որ ընդունիք: Մէկուն սիրածը կրնայ միւսին կողմէ չսիրուիլ: Այնքան փառաբանուած սեմպոլիստ Վերլէնէն[xi] ի՞նչ կը մնայ. քանի մը քերթուած: Այս ոչ միայն իմ կարծիքս է, այլ[եւ] իր ժամանակակիցներուն[ը]: Բայց կա՛յ Վերլէնը եւ պիտի ապրի, անգամ իր քանի մը քերթուածներով, որոնք բարձր արժէք ունին, մանաւանդ՝ իրենց երաժշտութեան համար: Իսկ եթէ Ձեզի ղրկած քերթուածներս Ձեզ անբա[ւա]րարած են, ինչո՞ւ ժամանակին ինծի չտեղեկացուցիք: Անկեղծութիւնը գնահատողներէն եմ: Կրնայիք տղուս հետ վերադարձնել ինծի, որուն համար բնաւ չպիտի նեղուէի: Իմ այդ անտիպ գործէս քանի մը բանաստեղծներ, որոնք Ձեզի նման անուն ունին հրապարակի վրայ, այլ կարծիք ունեցան: Անշուշտ, ինչպէս վերը ըսի, մէկուն սիրածը միւսը կրնայ չսիրել: Ինչպէս ֆրանսացին կ’ըսէ. «Գոյներն ու ճաշակները վիճելի չեն»: Կը ներէք որ Ձեր ժամանակը կը խլեմ, անտեղի, որպէս սկսնակի: Իսկ ես, ես ալ Ձեզի կը նմանիմ: Եթէ բանաստեղծ չեմ… բայց համեստաբար ըսեմ թէ կը հասկնա՛մ, գիտեմ բանաստեղծութեան ի՛նչ ըլլալը եւ եթէ առիթը ներկայանայ, կրնամ քննադատել ալ: Անշուշտ խօսքս Ձեզի համար չէ… Նախ ըսեմ թէ բոլորովին ծուռ աչքով կը նայիմ արդիականութիւն բուրող, սնամէջ, բառախաղ բոլոր այն բանաստեղծութիւններուն, որոնք լոկ պղպջակ են: Կրնամ Ձեզի տասնեակ անուններ թուել՝ եթէ հարկ ըլլայ: Յիսուսական Ժագ Յակոբեանը[xii] թէ Զարեհ Մելքոնեանը,[xiii] զոր «Շիրակ» զայն կ’աստուածացնէ: Թէքէեանէն վերջ քիչ մը դժուար է բանաստեղծի անուն համրել: Ի՞նչ պիտի մնայ կէս դար ետք այդ Յիսուսականէն եւ պորտաբոյծ, կը ներէք այդ ծանր եւ անտեղի բառը գործածելու համար, Զարեհ Մելքոնեանէն: Չեմ կարծեր որ անոնցմէ տող մը յիշատակ մնայ գալիք, գրասէր ընթերցողին միտքին մէջ:
Ըստ ինծի, բանաստեղծութիւնը սին թռիչք ըլլալէ աւելի պէտք է ունենայ իմաստասիրական եւ հոգեբանական առարկայութիւն: Ինչո՞ւ այսօր բանաստեղծութիւնը հեռացած է ընթերցողէն… Ճիշդ պատճառը այդ առարկայութեան պակասն է: Չհասկցուող լպրծուն քերթողութիւնը, անգամ մանուածապատ, ո՞վ կը կարդայ: Զիրար հասկնանք ու դարձեալ Դուք իմ քերթուածներս անբաւարար ․․․ գտէք: Ըսի: Կրկնել չեմ ուզէր: Ո՞վ այսօր մեր խենթուկ, բայց տաղանդաշատ Ինտրան կը փնտռէ… Օշականը շատ իրաւացիօրէն զայն ներկայացուցացած է: Անիմաստ, ծանր, նոր բառերու կոյտ, միայն Դո՛ւք, որպէս բանաստեղծ, այս պահուս տող մը կը յիշէ՞ք անկէ: Կը կասկածիմ եւ իրաւունք ունիմ:
Այսօր արդիական նկարչութիւնը իր հոգեվարքը կ’ապրի: Հարցուցէ՛ք Թորոսեանին: Եւ գիտցէք թէ կա՛յ դասականութեան վերադարձը: Թորոսեան իր ներկայ յաջողութիւնը կը պարտի իր՝ դասականութեան վերադարձին: Իսկ պատեհապաշտ մեծանուն Փոլ Կիրակոսեանին արուեստը պիտի չապրի: Պատճառը՝ իր արդիական աճպարարութիւնն է: Ինչպէ՞ս հռչակի տիրացաւ՝ լա՛ւ գիտեմ: Եւ ինչպէ՞ս միլիոնատէր դարձաւ՝ այդ՝ աւելի՛ լաւ:
Ազնիւ տիար, բարեկամ, սիրելի՛ Պէպօ: Արուեստը, որուն մէջ անշուշտ բանաստեղծութիւնը, արուեստին համար չէ,՛ այլ ժողովուրդին: Ան պիտի կարդայ քու կամ իմ եւ կամ ուրիշին հրամցուցածը՝ անշուշտ արուեստի պարզ մակարդակով: Վերնախա՞ւը… քանի՞ հոգի կը համրէ:
Արդ, նորէն ինծի գամ: Ես ալ առարկայականութեան հետեւող մըն եմ, ինչ որ հաւանաբար հաճելի չէ՛ թուած Ձեզի: Վերջերս, քանի մը օր առաջ, «Արարատ»ին մէջ լոյս տեսաւ իմ՝ «Երեւանեան Էթիւտներ»էս քանի մը քերթուած: Դիմացի կօշկակար դրացիս, կօշկակա՛ր, եկաւ եւ շնորհաւորեց զիս եւ ըսաւ.– Այս անգամ շատ լա՛ւ գրած էք, սիրեցի: Եւ ճի՛շդ մենք այդ կօշկակարներուն պէտք ունինք, անոնք ալ՝ մեզի: Ամէն ինչ ժողովուրդ[ին] համար, անշուշտ՝ մակարդակով: Գուցէ այդ կօշկակարին հաւնած բանաստեղծութիւնը Ձեզի ծիծաղելի դառնայ: Կը պատահի: Ո՛չ մէկ մեղադրանք:
Հոս պիտի արտատպեմ իմ «Երեւանեան Էթիւտներ»էն երկու քառեակ: Երեւանէն վերադարձիս՝ մաքսատուն:
«Տոմսս ափիս մէջ կը դողայ, Օդակայան: Մի տխուր բան,
Վերջին ժամն է, կարծես կ’զգայ, Ժամացոյցի նայողներ կան,
Ինք իր ոյժէն պիտ զրկուի, Աճապարանք, սո՞ւղ ես այդքան,
Օդանաւը երբ որ հասնի: որ բոլորը վրադ կ’իյնան:
Կը հաւատամ թէ այս քերթուածներս ալ Ձեզ չեն գոհացներ:
Բայց՝ ա՛յս է բանաստեղծութիւնը: Պարզութիւն: Կառուցուածք եւ խորք: Պաճուճանք ալ չկայ: Գեղեցիկօրէն ըսուա՞ծ է… Է՛: Բայց դարձեալ կրնաք չսիրել: Գարունը մէկ ծաղիկով չի՛ գար, այլ՝ ծաղիկներով: Ես նկատի կ’առնեմ բոլոր ծաղիկները: Անշուշտ այդ ծաղիկներէն մէկը (բանաստեղծի առումով) Դուք էք: Կը խնդրեմ բառին իմաստը նուաստացումի չվերածէք:
Իմ քերթուածս անպայման, անկախ ձեր համոզումէն եւ դատումէն, սիրողներ պիտի ըլլան երբ հրատարակուելու բախտը ունենան:
Այս երկարապատում գրութիւնը ընդունեցէ՛ք որպէս բարեկամական անկեղծ զրոյց եւ ո՛չ որպէս նամակ, եւ մանաւանդ՝ դառնութիւն: Բարեբախտաբար, այս կապարէ բառին ծանօթ չեմ եւ եղողներն ալ շատ չեմ սիրեր:
Կը տեսնէ՞ք՝ խոհականութեամբ կը վերջացնեմ գրութիւնս:
Մնացեալը մոռցէ՛ք, բարեկամ ենք ու բարեկամ: Պատահական տհաճ բաներ կը պատահին կեանքին մէջ, որոնց նայելու ենք ներողամտութեամբ:
Կը յուսամ այս պահուս լաւ տրամադրութեան մէջ էք ու կը շարունակէք Ձեր ծանր աշխատանքի կողքին նաեւ գրականը:
Ուրեմն նոյն եւ փոխադարձ բարեկամութեամբ, մնամ՝
Ա. Արամ
* * *
Պէյրութ, 20 Փետրուար 1981[xiv]
Շա՛տ յարգելի, ինչպէս նաեւ շա՛տ սիրելի Պէպօ,
Այս նամակը անձնական ըլլալուն պատճառով, զայն տնօրէնի հանգամանքէն պահ մը հեռու պիտի պահեմ, անոր բովանդակութեան պատճառով, որ միշտ ի նպաստ քեզի է:
Սիրելիս, ես երեք օրէ ի վեր դժնդակ տանջանքի մը մէջ եմ: Հոգեկան տագնապ մը ունիմ եւ զոր չեմ կրնար բուժել ո՛չ մէկ դեղով: Բայց զայն բուժելու եւ հոգիս վերականգնելու միջոցը այս նամակով հազիւ թէ կարենամ գտնել՝ գտնելու համար նաեւ ինքզինքս, որ այս պահուս տրորուած կը զգամ: Այս նամակը մինչեւ հիմա քեզմէ հասած նամակներուն բնաւ չի նմանիր, եւ կը կարծեմ թէ ասկէ վերջն ալ նման նամակ մը ունենալու բախտը պիտի չունենա՛ս: Ինչո՛ւ… Յաւակնութիւններու դարուն մէջ կ’ապրինք եւ հաւանաբար այդ յաւակնութիւններուն մաս [կը] կազմեմ նաեւ ես, որուն սահմանին մէջ կ’իյնայ սխալին ճիշդ կարծուիլը, անխո[հե]մութեան պատճառով: Սխալական մարդ ամէն տեղ կա՛յ: Բայց իր սխալը ընդունող մարդ հազիւ թէ գտնես: Ու այդ սխալը ճշդող մարդ, անոր առջեւ մեղանչող մարդ չկայ: Բարձունքին վրայ կենալու ախտը շատ տարածուած է: Եթէ այդ բարձունքը անհաստատ տախտակներէ կազմուած ըլլայ։ Կարծեմ մօտեցայ ըսելիքիս եւ դուն հասկցար: Բայց պարտաւոր եմ զայն ամբողջացնելու առանց ստորակայութեան հոգիի, որուն ծուղակին մէջ ինկա՛յ ես, անձնապէս, նամակիս ներփակելով արուեստագէտին սաստկաբոյր տողեր պարունակող նամակը: Կը հասկնա՞ս, չէ՞ … Անկասկած: Եւ անկեղծ քաջութիւն պիտի նկատես, կը հաւատամ, այս խոստովանութիւնս, որ քեզի ալ ուրախութիւն պիտի պատճառէ որպէս մտաւորական: Ինծի համար՝ անկեղծութիւնը ամէն բանէ վեր է, նոյնիսկ անձիս գինով: Անձը, եթէ իրապէս անձ մը պիտի գիտնայ իր սխալը ու պիտի համարձակ ըլլայ զայն ընդունելու, ոչ թէ սողալու՝ այլ բեկուած թեւերուն թռիչքը նորոգելու որ միշտ մնայ արժանաւոր բարձունքի վրայ: Ու այդ է պատճառը քեզի դիմելուս, որ այս պարագային ետ դարձի մը հաւասար է, ինքնաքննադատումի որակով:
Եւ այս նամակովս ես անկեղծօրէն ինքզինքս կը քննադատեմ այն նամակին պատճառով, որ բնա՛ւ պէտք չունէր իմ նամակիս հետ հասնիլ քեզի, հոգեվիճակիդ թախիծ պատճառելով: Ես կրնամ մէկ լուցկիով ամբողջութեամբ փճացնել բոլոր քերթուածներս, արձակ էջերս: Եթէ ե՛ս, բայց չկորսնցել թանկագին բարեկամ մտաւորական մը՝ յանձ[ի]ն քեզի՛:[xv]
Ակամայ միտքս եկաւ սկաուտական աս նշանաբանը. «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»: Այս՝ կը համապատասխանէ նաեւ ինծի եւ քեզի: Բարձրանամ՝ որ բարձրացնես զիս: Բարձր ես՝ բարձրացո՛ւր զիս:
Շատ չպիտի գրեմ: Հիմա հոգիս հանդարտ է: Պարպուած է սխալէ ու գտած իր սովորական հունը: Ազատ, ազատագրուած կը շնչեմ այս պահուս որ առաւօտ կը բուրէ: Բոյրերու սիրահար մըն եմ: Մանաւանդ՝ ներողամտութեան բոյրը…:
Իսկ գալով քերթուածներուս անբաւարարութեան, այդ՝ գրական այլ հարց է: Կարելի է միշտ օգտակարը նկատի առնելով խօսիլ եւ անգամ վիճիլ՝ ի նպաստ քերթողութեան: Անհատապաշտ չեմ: Գրականութիւնը՝ ամէն բանէ վեր: Չեմ կարծեր թէ ի՛նչ տպաւորութիւն գործեց[ին] վրադ ղրկածս վերջին երկու քառատողերս:
Այլեւս երեսիդ կրնա՞մ նայիլ ինչպէս առաջ՝ բարեկամաբար, սպաննածս խղճահարութենէս, որուն պատճառով, ինչպէս ըսի, տառապեցայ երեք օր:
Մնամ սիրով՝
Ա. Արամ
* * *
- Յակոբ Աբէլեանէն
Ռուսէ, 24 Սեպտ[եմբեր] 1981[xvi]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեանի[ն,]
Պէյրութ,
Սիրելի ընկեր,
Մեր «Արարատ»ի 3 Սեպտ. եւ 4-ի մէջ «Կրթական Կեանք» եւ «Հուսկ Բանք» Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի, տարուան վերջի շրջանաւարտներուն ուղ[ղ]ուածը մեծ յուզումով, հետաքրքրութեամբ կարդացի:
Ձեր անունը ինձ շատոնց ծանօթ էր, քանի որ ստացած «Արարատ»ներս ծայրէն ծայր կը կարդամ:
Իմացած էի որ այս Սեպտ.ի սկիզբը Ձեր ընտանիքով այցի եւ կամ պտոյտի եկած էք Պուլկարիա, ու նաեւ յայտնած էք գալ այցելել Ռուսէ՝ մեզի: Սակայն ափսո՜ս, երկար սպասումով յոյսերնիս կտրուեցաւ ու չեկաք:
Սիրելի ընկ. Սիմոնեան, հին, շատ հին հնչակեանի պիտի գա[յ]իր. ընկերուհիդ եւ դուն շատ գոհ պիտի մնա[յ]իք:
Փոքր տղաս որ Ռուսէէն մեզմէ 3 ժամ հեռաւորութեամբ Շումէն քաղաքը կ’ապրի, լուր ըրի Սեպտ. 8-9-10 եւ 11 օրերը իր օթոյով եկան մեզի որ Ձեզի պտոյտի տանէինք, հաց ու պանիր կայ: Ինչպէս որ քեզ[ի] վերը ըսի, կը կրկնեմ՝ հնչակեանի ……..:
Միւս կողմէ ալ Ձեզի արդարացուցի որ դպրոցներու բացման պէտք է վերադարձած ըլլաք: Մենք քիչ մը Պուլկարիոյ հեռաւոր քաղաքն ենք, բայց պատմական, գեղեցիկ, սիրուն, Դանուբ գետի եզերքը քաղաք է, մեզի ալ կ’արժէր տեսնել եւ Ռուսէնիս ալ:
Շատ, շատ սպասեցինք: Բայց բախտ չունեցանք Ձեզի մօտէն տեսնալ, ծանօթանալ, պատմել անվերջ պուլկարահայ կեանքէն, թէ ինչպէս 40 տարիներ առաջ կաղնիի պէս ունէինք հնչակեան մասնաճիւղեր, վարիչ մարմին, «Պալքանեան Մամուլ» շաբաթաթերթ:[xvii] Անցան ու գացին մեր պատմական տարիները:
Բլովտիվէն ընկեր Վահէ Չէրշիեանը* ինք գրած էր, ես անոր շատ օգտակար կ’ըլլամ, իմ բոլոր հնչակեան ստացած թերթերս Սոֆիա եւ իրեն՝ Բլովտիվ կ’ուղարկեմ:
Երբեմն «Արարատ»ին կը ջանամ իմ տկար գրիչովս տալ [տեղեկութիւններ] պուլկարահայ կեանքի շուրջ:
Մեր սիրելի ընկեր Ժիրայր Նայիրին ան ալ խոստացած է գալ Պուլկարիա, բայց կ’երեւայ Ձեր ներքին խառնակութիւնները արգելք եղան իրեն:
Ես ընկեր Ժիրայրին շատ ատեն կը գրեմ եւ ան տեղեակ է մեր մասին, կրնաք անկէ տեղեկանալ թէ մենք ալ չէքիտէքեն[xviii] հնչակեան եղած ենք, բայց հիմակ հնարաւորութիւն չունինք նիւթապէս «Արարատ»ին օգտակար դառնալու: Իսկ ժամանակ մը «Պալքանեան Մամուլ»ի մէկ մասը ես կը հոգայի: Ասոնք անցեալի կը վերածենք:
Ներկայիս ծերացած, 70-ը բռնած, բաւական տկարութիւն մը ունեցայ, բայց այժմ լաւ եմ:
Կրկին օգտակար կը դառնամ ազգային-հասարակական եւ եկեղեցական պահպանման տեղւոյս մէջ:
Երկու մանչ զաւակներ ունինք ամուսնացած հայուհիի հետ, մեծ հարսս ճարտարապետ, իսկ փոքր հարսս ուսուցչուհի է պուլկարաց վարժարանի:
Երկու զաւակներս ալ ամուսնանալով, պարագաներու բերմամբ մեզմէ հեռու [են] 3 ժամ տեւողութեան: Մեծը՝ Սիլիսդրա, իսկ փոքրը՝ Շումէն: Յաճախ հեռախօսով կապ կը պահեն եւ կամ երկու շաբաթը անգամ [մը] կու գան մեզի տեսնալու:
Ընկերուհիս՝ Թագուհին, տանը մէջ արտօնութեամբ կարուհի է, դերձակուհի: Լաւ ենք, գանգատի բան մը չունինք ծերութենէ զատ…:
Ընկերական համբոյրներ Ձեզի, տիկնոջդ, զաւակներուդ, ընկեր Ժիրայրին, տիկնոջը, ընկ. Օն. Ճամպուլեանին, ընկերուհի Կուժունիի[xix] եւ բոլորիդ բոլորիդ:
Յարգանօք՝
Յակոբ Աբէլեան
* * *
Սոֆիա, 16 Դեկտեմբեր 1981[xx]
Սիրելի ընկեր Սիմոնեան,
Սիրելի պրն. Պէպօ, անհամբերութեամբ սպասեցի եւ մեծ ուրախութեամբ կարդացի Ձեր նամակը: Ինձ համար կարեւորը ան էր որ Ձեզի պէս լաւ հայ մը ինծի չէր մոռցած: Իմ բարեկամիս՝ Կարոյին[xxi] երախտապարտ եմ որ ծանօթացուց մեզի իրարու: Ափսոս որ չի կարողացայ հիւրասիրել ձեզի կարգին, բայց յուսանք որ այդ մեր հանդիպումը վերջինը չէր: Մի շաբաթ տարբերութիւնով Պէյրութէն անակնկալ նամակ մը եւս ստացայ առաջուան Ա. Ապեպայի Հայր Սուրբ Շամլիեանէն որը բանաստեղծի տաղանդ ունի եւ իր գրած գործերը հայրենասիրական ոճով լիքն են: Եթէ Ձեր թերթին համար որոշ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ՝ ահա՛ իրեն հասցէն: Rue Hopital St. Joseph, Bouchriyé, N 1981/5, Build. Dr. Yeni-Komouchian:
Մենք ընտանիքով լաւ ենք: Հոս ձմեռը սկսաւ խիստ ձեւով, բայց շուտով մեղմացաւ:
Յօդուածս որ կ’ուղարկեմ Ձեզի՝ ինձ համար մեծ պատիւ է, որովհետեւ արեւելահայերենով գրեցի եւ շատ քիչ խմբագրական սրբագրութիւններով տեղ գտաւ մեր լրագիրին մէջ: Օրերս յօդուած մը եւս գրեցի օրացոյցի մասին, լայն տեղ տրամադրելով հայկական տոմարներու մասին:
Մօտերս գրադարանս հարստացուցի «Մարդեղութիւն» փիլիսոփայական իմաստ ունեցող Ձեր ժողովածուով, իսկ քառեակը
… Ու պանթէոնին վրայ մեր գիտակցութեան
Քանդակ առ քանդակ կանգներ ենք արձան
Որպէս անխորտակ սուրբ խորհրդանիշ
Մեր գոյատեւման, մեր յաւերժութեան…
գրի առնելով պատին փակցուցած եմ:
Նամակս վերջացնելով ընդունեցէ՛ք իմ եւ իմ ընտանիքիս սրտաբուխ մաղթանքները Ձեզի, տիկ. Ազատուհիին եւ տղոց՝ 1982 Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի առիթով:
Էջի ձախ լուսանցքին՝ էջին երկարութեամբ, վերէն վար գրուած է․ Ներողութիւն տառասխալներուս համար։
Սիրով եւ յարգանքով՝
Յակոբ [Աբէլեան]
* * *
- Մանուէլ Ադամեանէն
Լոնտոն, 28 Հոկտ[եմբեր] 1986[xxii]
Սիրելի Պէպօ,
Վերջապէս քեզի կը գրեմ Լոնտոնէն: Կը յուսամ Ձեր վերադարձէն յետոյ (հանգանակութենէն) դպրոցը նոր աւիշ ստացաւ նիւթական գետնի վրայ: «Արարատ»ի մէջ կարդացի «Սահակեան»ի մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներու մասին․ շատ ուրախ եմ:
Մենք, մօտաւորապէս մէկուկէս ամիս առաջ Անգլիա ապրելու եւ աշխատելու իրաւունք ստացանք: Առ այժմ նիւթական պայմաններս կարելի է բաւարար համարել, բայց ոչ գոհացուցիչ անգլիական մակարդակով: Յոյս ունինք որ յառաջիկայ ամիսները աւելի լաւ կրնան ըլլալ:
Մեր կեդրոնատեղիին մէջ (որուն ծանօթ ես) ուսումնական տարուայ սկիզբին բացինք մէկօրեայ դպրոց մը, որուն տուինք Լոնտոնի Հայկական Մարիցա Սողանալեան Վարժարան անունը: Որպէս սկիզբ լաւ ընթացքի մէջ ենք, ունինք աւելի քան վաթսուն աշակերտ, ամէն Կիրակի նոր արձանագրութիւններ կ’ունենանք: Սարգիս Սողանալեանը[xxiii] խոստացաւ չորս հատ օթօքար ղրկել դպրոցին համար: Եթէ իրականանայ այդ խոստումը, աշակերտական թիւի մեծ աճ կ’ունենանք:
Թերթին[xxiv] մասին նորութիւններ չունիմ: Ինչպէս գրած էի, հայերէն շարող մեքենան հասաւ, սակայն չկրցանք յարմար վայր մը գտնել խմբագրական, շարելու եւ թերթի հետ կապուած այլ աշխատանքները կատարելու համար: Ըստ երեւոյթին պիտի սպասենք մինչեւ նոր տարի: Թերթին անունը «Կոչնակ» որոշեցինք, հրաժարելով նախկինէն…
Շրջանի[ն] աշխատանքները լաւ հունի մէջ են, աստիճանաբար կուսակցական-միութենական գիտակցութիւնը տեղ կը գտնէ ընկերներու մօտ: Գոհացուցիչը այն է, որ ե՛ւ կազմակերպչական աշխատանքները, ե՛ւ էական հարցերուն մօտենալու կերպերը կուսակցական ելակէտերէ կը մեկնին: Չեմ ըսեր թէ ամէն բան կատարեալ է, սակայն կը փորձենք կատարեալին կամ ցանկալիին հասնիլ:
Համագումարի վայրի[ն] կապակցութեամբ նամակ մը գրեցի Կեդրոնին: Տրամերեանն ու Պշտիկեանը,[xxv] որ Լոնտոն կը գտնուէին, Աթէնքը յարմար չգտան համագումարի վայր, այն պատճառաբանութեամբ, որ այդ քաղաքը ճանչցուած է որպէս ծանօթ գործելակերպի… կեդրոնատեղի, հետեւաբար, յատկապէս եւրոպական համայնքի երկիրներուն կողմէ լաւ չդիտուիր կամ սխալ կը մեկնաբանուի, այդպիսով Արեւմուտքի մէջ գտնուող մեր կազմակերպութիւնները դժուարութիւններ կ’ունենան, մանաւանդ հիմա դժուարութիւններ կան արդէն Ֆրանսայի մէջ: Դուք այս հարցը քննեցէք եւ վերջնական եզրակացուցէք: Կեդրոնի նամակին մէջ գրած էի, թէ Լոնտոնը թեկնածու է համագումարի համար, կը սպասենք Ձեր նամակներուն:
Այս տարի եւս պարահանդէսը բաւական յաջող անցաւ: Մանրամասնութեանց շուրջ «Արարատ»ի մէջ թղթակցութիւն լոյս կը տեսնէ: Կրկին եղան նուիրատուութիւններ… Գոհ ենք:
Կը յուսամ ընկ. Ժիրայրի առողջութիւնը եւ աշխատանքի եռանդը տեղն է: Կը հետեւիմ խմբագրականներուն: Իմ բարեւներս հաղորդէ՛: Բարեւներ նաեւ ընկ. Արշակին[xxvi] եւ Աւետիսին:[xxvii] Իսկ մինչեւ Լոնտոն հասցէիս ցեխարձակումներու փորձեր կ’ըլլան կրկին, կը կարծեմ որ այդպիսիք միայն իրենց անձերը կը վարկաբեկեն, եւ տեղ պիտի չհասնին…:
Տիգրան Սարաֆեանը մօտ մէկ ամիս Լոնտոն մնալէ յետոյ անցաւ Ամերիկա, հաւանաբար շուտով վերադառնայ Լոնտոն, Դամասկոս, ապա՝ Պէյրութ:
Սիրելի Պէպօ, նամակի պահարանի վրայի հասցէս բարի եղիր յանձնել «Արարատ»ի վարչութեան, որ թերթերս այդ հասցէով ղրկեն:
Ջերմ բարեւներ Ազատուհիին եւ քեզի՝ Լիլիթէն:
Մանուէլ Ադամեան
* * *
Լոնտոն, 12 Յունուար 1987[xxviii]
Սիրելի Պէպօ,
Ատենին ստացայ նամակդ, որուն կը պատասխանեմ այսօր: Կեանքս Լոնտոնի մէջ կը շարունակուի այնպէս ինչպէս գիտես, իսկ կուսակցական-միութենական աշխատանքները լաւ ընթացքի մէջ են, թէեւ գոյութիւն ունին ընթացիկ դժուարութիւններ: Թերթը տակաւին լոյս չկրցանք ընծայել յարմար վայրի մը չգոյութեան պատճառով: Կը յուսամ այդ դժուարութիւնն ալ կը լուծուի շուտով:
Կուսակցական կեանքը ընդհանրապէս այս օրերուն համագումարի նախապատրաստութեամբ կլանուած է: Լիբանանի պատգամաւորներու ընտրութեան հետեւանքով առաջացած արհեստական աղմուկը հասաւ Լոնտոն, որ կը ձգտէր խուճապ ստեղծել, սակայն բացատրողական աշխատանքները յստակացուցին մթնոլորտը: Այս մասին սակայն ընդգծեմ, որ Յակոբ Պէրպէրեանի ընտրութիւնովը կարելի է խուսափիլ այս անախորժ վիճակէն: Աշխատեցէ՛ք հնարաւորին չափ մեղմել մթնոլորտը, որովհետեւ այս շրջանի ընկերները, որոնք նոր են կուսակցական կեանքին մէջ, անհանգիստ վիճակ մը կը ստանան երբ լսեն տարաձայնութիւնները եւ ծանօթ զրպարտութիւնները:
Ես Կեդրոնին ուղղած նամակիս մէջ յայտնեցի Անգլիոյ շրջանի ընկերներուն ցանկութիւնը երեք հոգիով մասնակցելու համագումարին: Եթէ Կեդրոնը համամիտ գտնուի, ոչ մէկ անպատեհութիւն կայ… Եկող պատգամաւորները կուսակցութեան հաւատարիմ, միասնականութեան կողմնակից մարդիկ կրնան ըլլալ…, Ֆրանսան ալ կարծեմ նոյնպիսի ցանկութիւն յայտնած է կամ պիտի յայտնէ. Ֆրանսայի պարագային ալ անպատեհութիւն մը չկայ:
Իսկ գալով համագումարի անկազմակերպ վիճակին, դժգոհութիւններ կան: Տակաւին ոչ ոք յստակ չի գիտէր թէ ե՞րբ պիտի բացուի համագումարը, իսկ ես որ պանդոկի հասցէն, անունը, ծախսը փոխանցեցի Կեդրոնին, ոչ մէկ դրական կամ ժխտական պատասխան տուաւ: Համագումարի օրակարգերու հիմնական գիծերը յայտնի չեն: Լաւ կ’ըլլայ, որ համագումարը ամիսով մը միայն յետաձգուի կազմակերպչական աշխատանքները ամբողջացնելու համար: «Թիթանիա» պանդոկը, ուր, ըստ Պզտիկեանի, ժողով պիտի ընենք, անյարմար տեղ մըն է Աթէնքը ճանչցող ընկերներու կարծիքով: Վերջապէս, կը սպասենք Կեդրոնի վերջին հրահանգին:
Ես Լոնտոնի մէջ կը մնամ յարգուած՝ հակառակ հեռուէն եկող ցեխարձակումներուն, հետեւաբար ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ Լոնտոնի մէջ: Եթէ թերթը լոյս ընծայենք, մեր մեծագոյն յաջողութիւնը պիտի ըլլայ:
Կ’եզրափակեմ նամակս: Բարեւներ բոլոր ընկերներուն…
Բարեւներ Ազատուհիին:
Մանուէլ Ադամեան
* * *
Լոնտոն, 29 Ապրիլ 1987[xxix]
Սիրելի Պէպօ, անմոռանալի՛ ընկեր,
Ստացայ 17 եւ 31 Մարտ թուակիր նամակներդ: Չափազանց զգացուած եմ ջերմ ու անկեղծ խօսքերուդ համար:
Սիրելիս, պատմական 14-րդ համագումարէն յետոյ Դուք Պէյրութի մէջ, ես այստեղ՝ Լոնտոն եւ այլ նուիրեալ ընկերներ ուրիշ շրջաններու մէջ կ’աշխատին կազմակերպելու կուսակցութեան Մեծ Զարթօնքը: Մենք պատմական ու ճակատագրական մէկ պահու վկաներն ու գործիչներն ենք եւ համոզուած եմ որ անպայման պիտի յաջողինք:
Այստեղ ինչպէս գիտես, դժուարութիւններու փորձեցին մատնել ինձ: Յետոյ յայտնի եղաւ, որ մեր ներքին սովորական հակասութիւնները օգտագործուեցան կարգ մը տարրերու կողմէ: Պէյրութէն Լոնտոն հասնելով՝ Տիրան Ճերեճեան բաւական տխուր դեր կատարեց: Կարգ մը ընկերներու մօտ իմ մասին քաղաքական վարկաբեկումներ կատարած է եւ կրկնած է այն յանկերգը ինչ կ’երգէ Պէյրութի մէջ, իբր թէ Լիբանանի շրջանի պատգամաւորները ճիշդ ընտրութեամբ չէ որ Աթէնք գացած են: Բայց կարեւոր չեն այն վարկաբեկումները զոր Կուժունիի… տղան[xxx] կը կատարէ ինծի հանդէպ, որովհետեւ նախորդ գալուն ան բազմաթիւ անգամներ մեր օճախին հիւրը եղաւ, ուրախութեան սեղանի շուրջ գտնուեցաւ եւ այս անգամ յանկարծ ամէն սրբութիւն ոտքի տակ կ’երթայ: Ճիշդ ասոր համար ալ մարդիկ իր ըսածին հաւատք չեն ընծայեր: Ինչպէս պաշտօնական նամակիս մէջ գրած էի, ես կարողացայ բիւրեղացում մտցնել այստեղի կացութեան մէջ: Մարդիկ համարձակեցան հերձուած ստեղծելու փորձ կատարել, սակայն հակազդեցութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ճկունութիւնն ու դիւանագիտութիւնը արդիւնաւորուեցան: Ճիշդ է թէ հարցերը վերջնական լուծուած չեն, սակայն ընթացքի մէջ են: Եթէ Ժիրայրն ու Վաhրիճը Լոնտոն գան՝ կ’եզրափակուի ամէն բան: Անշուշտ այդ ընկերները Լոնտոն պիտի գան համերգին ներկայ ըլլալու համար, առիթը պիտի օգտագործուի: Եղիազարեանի[xxxi] այսքան առաջ երթալուն մէջ դուրսի գրգռութիւնները մեծ դեր խաղցան: Ճիշդ է Եղիան նեղուած էր եւ որոշ տեղեր իրաւունքներ ունէր, բայց երբեք չէր մտածեր տակնուվրայութիւն ստեղծել: Այստեղ իմ մտահոգութիւնը մեր շրջապատն էր. մարդիկ (մեր հակառակորդները) սկսան հրճուիլ եւ կազմակերպութիւնը իր վարկէն պիտի շատ բան կորսնցնէր: Իսկ մեր ներքին ցեցերը անշուշտ աւելի վտանգաւոր են, բայց կրնանք վնասազերծել: Եթէ ընկեր Ժիրայրը Լոնտոն գայ, թող ջանայ միջին եզր գտնել վերջ տալու համար ըսի-ըսաւներուն: Կրկին կը հաստատեմ թէ Եղիան զոհ գնաց զինք հեռուէն կամ մօտէն շրջապատողներու «խորհուրդներուն»:
Լոս Անճելըսի մեր շրջանը ինձ հրաւիրեց ելոյթ ունենալու 20 Կախաղաններուն: Վիզան առի, Յունիսի առաջին շաբաթը հոն կ’ըլլամ: Ես Հերի Տրամերեանին հետ հեռաձայնով յաճախ կը խօսիմ, տրամադրութիւնները լաւ են: Սփիւռքի Կոմիտէէն ալ նամակ մը ստացայ, այս տարի կրկին տնօրէններու հրաւէր կայ, ինձ ալ հրաւիրած են, սակայն այս տարի ի վիճակի չեմ ճամբորդութիւն կատարելու, տնտեսական կացութիւնս լաւ չէ:
Սիրելի Պէպօ, Լիբանանի շրջանի տղաքը թող իրենց արթնութիւնը միշտ պահեն: Յառաջիկայ Պատգամաւորական Ժողովն ու նոր Վարիչ Մարմինի ընտրութիւնը վճռական պիտի ըլլան: Տիրան Ճերեճեանները իրենց արժանի դասը պէտք է առնեն: Ես ալ քեզ[ի] նման կը ցաւիմ որ Յարութիւն Կուժունիի տղան այսօր իր հօր հակառակորդներուն դրօշակակիրն ու բանբերը դարձած է:
Ես այստեղ պիտի շարունակեմ աշխատանքներս, ինչ որ ալ ըլլան դժուարութիւնները: Համոզուած եմ որ Դուք եւս ունիք նոյն վճռակամութիւնը այնտեղ: Յաջողութիւն բոլորիդ:
Բարեւներս Ժիրայրին, Տիգրանին,[xxxii] Տիրան Ակինեանին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մեր հաւատաւոր ընկերներուն:
Լիլիթը կը բարեւէ Ազատուհիին եւ կը մաղթէ խաղաղութիւն Լիբանանին:
Սիրով՝
Մանուէլ Ադամեան
[ստոր․՝ Ադամեան]
* * *
Լոնտոն, 15 Մարտ 1989[xxxiii]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Սիրելի եւ անմոռանալի ընկեր,
Երկար ընդմիջումէ մը յետոյ ահա՛ կրկին կը գրեմ: Գիտեմ որ այս պահուս հանգիստ վիճակի մէջ չես: Քիչ առաջ հեռատեսիլէն յայտնեցին Լիբանանի պատերազմական կացութեան մասին: Ես այստեղ լաւ կը հասկնամ այդ կացութիւնը…: Կը մաղթեմ շուտափոյթ խաղաղութիւն, սակայն գիտեմ թէ իմ մաղթանքս տակաւին անզօր է:
Սիրելի Պէպօ, անշուշտ գիտես մեր շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան մասին, որուն խաղաղեցման ի խնդիր Լոնտոն ժամանեց ընկ. Յակոբ Պէրպէրեան: Ընկեր Պէրպէրեանի Լոնտոն ժամանելուն առաջին օրուան մասին Կեդրոնին գրուած նամակով մը բացատրած էի, կը յուսամ կարդացիր: Միայն անգամ մը եւս կրկնեմ, թէ Կեդրոնի ներկայացուցիչին Լոնտոն հասնելու արարողութիւնը աներեւակայելի նուաստացում մըն էր ե՛ւ Վարիչ Մարմինին, ե՛ւ շրջանի Կեդրոնի անդամին համար:
Պէրպէրեանի Լոնտոն հասնելէն մի քանի օր ետք ես եզրակացուցի թէ յեղաշրջում մը կը պատրաստուի շրջանի Վարիչ Մարմինի[ն] եւ իմ դէմս: Անտեսումի եւ մինչեւ դատուելու սպառնալիքներ ստացանք, Վարիչ Մարմինի[ն] ընկերները կը դիտուէին որպէս «բարի» տիրացուներ, կուսակցութիւն ղեկավարելու անկարող մարդիկ եւ այլն, մինչ անդին՝ «հսկաները» գաղութին մէջ լուրեր տարածած էին, թէ շուտով դուրս կը շպրտուին հիները եւ «հայ քլասը» (բարձր դասը) իշխանութեան գլուխ կու գայ: Իմ բոլոր միջամտութիւններս, խորհուրդներս ապարդիւն մնացին: Արդէն յեղաշրջման գլխաւոր թիրախը ես էի, ինձմով, Լիլիթով, քրոջս ամուսինով եւ հերթաբար՝ ինծի մօտիկ անձերով կը սկսէր հաշուեփակը:
Ես այստեղ յայտնեմ հետեւեալը. երբեք ու երբեք նպատակ չունիմ շրջանին մէջ տեղական բնոյթի պաշտօններ առնել, սակայն այն ինչ որ ինձ դժուարով տուին, չկրցայ լքել, որովհետեւ կացութիւնը խիստ փափուկ է. եթէ լքէի՝ պայթիւն[xxxiv] առաջ պիտի գար: Հիմա փաստը երեւան եկաւ. Կեդրոնը, անկասկած ընկ. Տիգրանի խորհուրդով, կարգադրութիւն ըրաւ որպէսզի օրինաւոր Վարիչ Մարմինը ժամանակէն շուտ լուծուի, այն ալ խայտառակ ձեւով: Այժմ ի՞նչ է կացութիւնը: Սրտի ցաւով եւ կսկիծով կ’ըսեմ թէ շրջանը քանդուեցաւ եւ վերականգնումը գրեթէ անկարելի [է]: Այստեղ գլխաւոր եւ խոր ցաւ ապրողը ես եմ, որովհետեւ այս շրջանը իմ ձեռքով վեր բարձրացաւ: Ընկ. Պէրպէրեան Լոնտոն եկաւ որպէսզի շրջանի[ն] մահազդը ստորագրէ: Ես էի այստեղ հրաշք ճկունութեամբ մը կուսակցութիւնը ոտքի պահողը: Մի քանի ամիս եւս առիթ տրուէր կամաց-կամաց ես կրնայի լուծում բերել, Մայիսին՝ շրջանի նոր ընտրութիւններն էին:
Սիրելի Պէպօ, քեզի հաստատ կրնամ ըսել, թէ այն ինչ որ կը կատարէի Լոնտոնը կանգուն պահելու համար, միակ ձեւն էր. կա՛մ պիտի հաշտուէինք քանդումի գաղափարին հետ, կա՛մ, թէեւ դժուարութիւններով, ոտքի պիտի մնայինք: Կեդրոնը սարսափեցնողը նոր ակումբի մը բացումը եղաւ: Սակայն վստահ եղիր թէ այդ ակումբը հազիւ կը դիմանար երեք ամիս: Այդ խեղճութիւնը իրագործողները, ճիշդ է, դրամ ունէին, սակայն հասարակական կարծիքը գաղութին մէջ ամբողջութեամբ իրենց դէմ էր: Նոյնիսկ զայրոյթով դիմաւորուեցաւ նախաձեռնութիւնը:
Կեդրոնի նշանակած նոր Վարիչ Մարմինը մահացաւ: Լոնտոնը ճանչցող ընկերները նման կարգադրութեան մասին պիտի չմտածէին: Անոնք կարծեցին թէ շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան պատասխանատուն ես եմ, ուզեցին ինձ չէզոքացնել: Սակայն նորէն կը կրկնեմ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ես առնուազն այստեղ միացնող օղակ եմ: Իմ մասին ամենաչար լուրեր տարածողն անգամ՝ Եղիա Եղիազարեան ընկ. Պէրպէրեանի ներկայութեան յայտնեց թէ այս շրջանի կացութեան փրկութիւնը իմ ձեռքս է, սակայն ինձմէ կը պահանջէր շատ սուղ գին, այսինքն՝ կուսակցութեան հաւատարիմ մնացած Վարիչ Մարմինի բազմաթիւ ընկերներու չէզոքացում, որուն ես համաձայն չէի կրնար գտնուիլ: Վարիչ Մարմինի բոլոր ընկերներն ալ գնահատականի արժանի են, եւ պիտի աւարտէին իրենց մանտան Մայիսին, ոչ թէ փողոց շպրտուէին:
Յամենայնդէպս այս է տխուր իրականութիւնը: Խիստ վիրաւորուած եմ Կեդրոնի ընկերներուս դիրքորոշումէն: Ամէնուրեք ինձ պաշտպանելու խօսքեր եղան միայն, սակայն գործնականին մէջ անձիս շուրջ օղակը սեղմուեցաւ, որը ստիպուած հեռացուցի կոկորդէս: Երբ ինձ պաշտպանելու խոստումներ կը տրուին, Գօգօ Յակոբեան կոչեցեալի նամակին մասին լռութիւն տիրեց, նոյնիսկ Կեդրոնի ընկերոջ ներկայութեան նստեցաւ եւ նորաստեղծ Վարիչ Մարմինը ողջունեց, ալ չեմ խօսիր իմ մասին եղած ուրիշ կողմնակի խօսակցութիւններու մասին: Կեդրոնի ընկերոջ Լոնտոն գտնուելու օրերուն նախաձեռնութիւն վերցնողները, գործերուն ուղղութիւն եւ խորհուրդ տուողները ո՛չ ես էի, ո՛չ ալ Վարիչ Մարմինը․ մեր հետ եղածը կեղծ եւ ձեւական խօսակցութիւն էր, ոչ իսկ խորհրդակցութիւն:
Սիրելի Պէպօ, այս նամակը կը գրեմ հիւանդ վիճակի մէջ, արեան ճնշումս բարձրացած է, տեսողութիւնս եւ լսողութիւնս ժամանակաւորապէս ախտահարուած են. ներող եղիր եթէ նամակիս մէջ սխալներ գտնես: Անոնք որոնք ծրագրեցին ինձ հարուածել, թող գիտնան թէ իրենց համար դիւրին որս պիտի չդառնամ:
Ներփակ կը գտնես բանաստեղծութիւն մը Փարամազի[xxxv] կիսանդրիին նուիրուած:
Այդ բանաստեղծութիւնը բարի եղիր տեղաւորելու Ձեր դպրոցի բակին մէջ տեղադրուած պատի թերթին, կը յուսամ կիսանդրին մօտ է անոր:
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
Մանուէլ Ադամեան
* * *
Լոնտոն, 2 Յուլիս 1992[xxxvi]
Սիրելի Պէպօ,
Երկար լռութենէ մը յետոյ այսօր կրկին կը գրեմ քեզի: Լռութիւնը երբեմն աւելի պերճախօս է քան նամակները…: Կեանքի դառնութիւնները յաճախ մարդուն կը դարձնեն լռակեաց, սակայն բարեբախտաբար՝ ոչ համր: Լոնտոնեան տարիներուս դժուար օրերն անցան վերջապէս, եւ հիմա ինքնամփոփ, սակայն հանգիստ եմ, հեռու բոլոր տեսակի տաղտուկներէ, հալածանքներէ, փոխադարձ մեղադրանքներէ: Այս օրուան հասնելու համար սակայն կրեցի «բարեկամ թշնամիներու» ծանր բեռը. մարդիկ փորձեցին քանդել զիս նիւթապէս եւ հոգեպէս, սակայն դիմացայ, իսկ այժմ հեռու՝ ՇՐՋԱՆԱԿ կոչուածէն, կ’ապրիմ, անշուշտ շուրջս ունենալով մեզի համակրող մարդիկ, յատկապէս մտաւորականներ, թէեւ այսպէս կոչուած՝ ՕՏԱՐ:
Հասարակական կեանքէ ակամայ հեռանալէս ետք, ինծի համար սկսաւ ստեղծագործական կեանքի բեղուն շրջան մը: 1990-ին հրատարակեցի «Հատուցում» խորագիրը կրող բանաստեղծութիւններու հատորը, մինչ այդ կ’աշխատէի նոր գործի [մը] վրայ եւ 1991-ին լոյս տեսաւ «Քարէ Ծաղիկ» ժողովածուն, երկուքն ալ Երեւանի մէջ: «Հատուցում»էն օրինակ մը քեզի ուղարկեցի Տիգրան Սարաֆեանի միջոցով, Երեւանէն, յոյսով եմ որ ստացած ես, «Քարէ Ծաղիկ»էն օրինակ մը կը ղրկեմ նամակիս հետ: Այժմ նոր գործի մը վրայ կ’աշխատիմ: Յարմար ատենին, եթէ կարելիութիւններս ներեն, լոյս կ’ընծայեմ:
Սիրելի Պէպօ, ստացած եմ «Ծառին Ճիչը» հատորդ, կարդացի իր ատենին եւ այժմ սեղանիս վրայ է եւ առիթներով կը վերընթերցեմ: Հրապարակաւ պիտի արտայայտուիմ, թէեւ բաւական ուշացած եմ: Մինչ այդ, յայտնեմ որ վերջին գործդ՝ «Ծառին Ճիչը» բանաստեղծական թռիչքի նոր որակ է՝ յագեցուած յուզականութեամբ եւ քնարականութեամբ: Կը գտնուիս ստեղծագործական կեանքի հասունութեան շրջանին մէջ: Սակայն ըստ երեւոյթին մեր ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ համար գրողներ, մտաւորականներ այդքան ալ կարեւոր չեն. հիմա փնտռուածը դրամն է, բայց այդ ալ չկայ մեզ մօտ: Չեմ գիտեր, մտաւորականներ խոցելով ո՞ւր պիտի հասնի այս կազմակերպութիւնը:
Վահրիճը եկած է Լոնտոն: Հանդիպեցայ եւ բաւական երկար զրուցեցի հետը: Տեսաւ եւ լսեց այստեղի կացութեան մասին եւ ինք եւս եկաւ այն համոզման, որ շրջանը վերականգնելը շատ դժուար բան է: Չեմ գիտեր յետոյ ինք ինչ կարկտան ըրաւ եւ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Ես տուի նաեւ իմ կարծիքը ընդհանրապէս կուսակցութեան մասին, յայտնեցի թէ յոռետես եմ ապագայի համար. կորսուած է նպատակը, գաղափարախօսութիւնը, սկզբունքայնութիւնը: Հնչակեան կուսակցութիւնը որպէս ընկերվարական կազմակերպութիւն այսօր իր հասակով ոտքի պիտի կանգնէր Հայաստանի մէջ, բայց անդիմագիծ ներկայութիւն մըն է, եւ զարմանալին այն է որ ընկերվարականի իրաւունքը Դաշնակցութիւնը իրեն կը վերապահէ ներսը եւ դուրսը. ես կը հետեւիմ «Դրօշակ»ի[xxxvii] յօդուածներուն:
Հնչակեան կուսակցութեան յենարանը, դրամագլուխը, արժանիքը եւ այլ բարեմասնութիւնները իր գաղափարախօսութիւնն է, իր պատմութիւնը, որ յագեցած է գաղափարախօսութեամբ: Հիմա չեմ հասկնար թէ իրենց ընելիքը չգիտցող անհատներ այս նաւը ո՞ւր կ’ուզեն հասցնել: Ներկայիս հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ստեղծուած է նոր, անկիւնադարձային իրավիճակ, իսկ մեր վերջին համագումարը այդ ուղղութեամբ ի՞նչ մշակեց, ի՞նչ նոր խօսք ըսաւ ու գործի անցաւ, ես տեղեակ չեմ որպէս հնչակեան: Ատենապետը[xxxviii] եւս ինծի նորութիւններ չյայտնեց, սակայն նկատեցի թէ իր մօտ եւս յուսախաբութիւն կայ: Որքան ցանկալի էր որ երիտասարդներ, գիտակից, գաղափարական երիտասարդներ հրապարակ գային նոր խօսք ըսելու համար, հակառակ պարագային… չեմ գիտեր թէ ի՞նչ պիտի պատահի:
Իմ անձնական կապը Հայաստանի հետ բաւական աշխուժ է, յաճախ կ’այցելեմ Երեւան: Սակայն, դժբախտաբար, Երեւանի մեր կազմակերպութեան օգտակար չկրցայ ըլլալ, որովհետեւ կազմակերպչական աշխատանքները կեդրոնացած չէին, գրեթէ ձգուած էր պատահականութեան, իմ կարծիքը հարցնող ալ չեղաւ: Անգամ մը ընկեր Տիգրանը Երեւանի մէջ հասկցուց թէ Հայաստան տեղափոխուիմ, սակայն առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, առանց յստակ ծրագրի մը, իսկ ես, որ Լոնտոնի մէջ լեզուս այրած էր, ըսուածը նկատեցի սոսկական ցանկութիւն մը: Արդէն տրամադրութիւն ալ չունէի եւ չունիմ, ամէն բան մոռացութեան տրուեցաւ: Երբ տրամադրութիւն եւ կազմակերպուած գործ ըլլար, մեր Երեւան տեղափոխուելով կամ առանց այդ, կրնայինք մեծապէս օգտակար ըլլալ կազմակերպութեան նիւթապէս, յատկապէս շարքերը համալրելու գծով: Ցարդ կատարուածը Հայաստանի մէջ գնահատելի է նուազագոյն ուժերով, սակայն անբաւարար՝ երբ գո՛րծ պիտի կատարենք եւ բաղդատուինք ուրիշներու հետ:
Սիրելի Պէպօ, շատ ուրախացայ երբ կարդացի թէ տղադ Բ. պաքալորէայի քննութեան մէջ յաջողած է եւ կարծեմ համալսարան ընդունուած է: Կը շնորհաւորեմ եւ կատարեալ յաջողութիւն կը մաղթեմ:
Լիլիթը եւ մեր զաւակները հանգիստ են ու առողջ: Ընտանեօք կը բարեւենք ձեզի, յատկապէս Լիլիթը իր ողջոյնները կը փոխանցէ Ազատուհիին:
Առ այժմ այսքան, սիրելի Պէպօ: Կը սպասեմ պատասխան նամակիդ:
Մանուէլ Ադամեան
[ստոր․՝ Ադամեան]
* * *
Լոնտոն, 19 Սեպտեմբեր 1993[xxxix]
Սիրելի Պէպօ,
Քեզի նամակ ուղարկելուս յարմար առիթը կարծես՝ Արա Սանճեանի[xl] Պէյրութ վերադարձն է: Անշուշտ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար պարբերաբար փոստով նամակ ուղարկել, եթէ լիբանանեան փոստը ներկայիս բնականոն կ’աշխատի:
«Արարատ»ի առաքումը հասցէիս շատոնց դադրած է: Պատճառը, անկասկած, թերթի տնտեսական վիճակն է: Լիբանանի մեր օրկանը լաւագոյն միջոցն է շրջանէդ, Սուրիայէն, Հայաստանէն կամ ընդհանրապէս ընկերական շրջանակէն թարմ լուրեր ստանալու: «Մասիս»ը կը ստանամ, սակայն, զարմանալիօրէն, գրեթէ մէկ ամիս է «Մասիս» եւս չեմ ստանար Լոս Անճելըսէն: Այս պայմաններու տակ, գրեթէ զրկուած եմ մեր հասկացութեամբ՝ արտաքին աշխարհէն: Հայաստանի լուրերը եւս մեծ ուշացումով կը ստանամ: Հայաստանեան մամուլ ձեռքս կ’անցնի երբեմն, պատահաբար:
Ինչպէս արդէն ծանօթ է քեզի, այստեղ ոչ մէկ հասարակական աշխատանք կը կատարեմ: Լոնտոնի մեր շրջանակէն (եթէ տակաւին կենսունակ մասնիկ մը կայ) հիասթափուած եմ, ամփոփուած եմ ես իմ մէջ, կ’աշխատիմ լաւագոյնս օգտագործել ժամանակս՝ ստեղծագործելու իմաստով: Այս պարագայի՛ն ալ դժուարութիւններ կան Լոնտոնի մէջ, գրական կեանք՝ մթնոլորտ (հայկական) գոյութիւն չունի, շփումս գրողներու կամ գրասէր մտաւորականներու հետ պատահականութեան հետ կապուած է, եթէ Հայաստանէն կամ այլ գաղութներէն այցելեն մեզի: Այս պայմաններու տակ, չեմ գիտեր թէ ստեղծագործութիւններս ինչպէ՞ս պիտի հասնին իրենց նպատակին: Երկու հատորներ հրատարակութեան պատրաստ ունիմ արդէն, սակայն շտապելու պատճառ մը չունիմ վերոյիշեալ պատճառներով: Սպասենք՝ տեսնելու համար թէ ժամանակը ի՞նչ ցոյց կու տայ:
Լիբանանի շրջանի մեր կուսակցական կեանքը ինձ յուզող հարցերէն մէկն է: Թէեւ մանրամասնութիւններ կը պակսին, սակայն գիտեմ թէ ներքին դժուարութիւններէ անցաք ու կ’անցնիք: Ինչպէս գիտես, այստեղ եւս ծանր օրեր անցուցի ես: Որքան ցանկալի է սակայն որ Լիբանանի շրջանը, որ մեր ողնայարն է, կարելի միասնականութիւնը ունենար: Հեռուէն ցանկութիւններ յայտնելը միշտ դիւրին եղած է, սակայն այլ կարելիութիւններ չկան: Մի քանի օր առաջ Լոնտոնէն Պէյրութ գացողի մը հետ Եղիկին[xli] ալ նամակ մը գրեցի, առաջին նամակս իրեն՝ Լոնտոն հաստատուելէս ետք: Անոր ալ յայտնեցի աւագ եւ առաւել երիտասարդ սերունդներու ուժերու ճիշդ համադրման մասին: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ համոզուած եմ որ մեզի ուժեր են պէտք, մենք կը տառապինք աշխատող ձեռքերու, մտաւորականներու, զոհաբերուողներու պակասէն (գոյութիւն ունեցողները անշուշտ սիրելի են), հետեւաբար պարտինք խնայել մեր ուժերուն: Կուսակցութեան համար տարիներ են պէտք ղեկավար մը կամ մտաւորական մը պատրաստելու: Այսքանը, անկասկած, բոլորն ալ գիտեն, սակայն ըստ երեւոյթին որոշ հանգամանքներ կը խանգարեն մթնոլորտը: Ապագան միշտ ալ երիտասարդութեան է, այս մասին երկու կարծիք չկայ, սակայն երիտասարդ ուժերու վերնաշէնքը պիտի բարձրանայ աւագ սերունդի առաւել ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ մասի հիմքին վրայ: Առանց ամուր հիմքի՝ շէնքը չկրնար երկար գոյատեւել, առանց վերնաշէնքի՝ լճացում պիտի գոյանայ, որը հաւասար է նահանջի:
Սիրելի Պէպօ, անշուշտ շատ կարեւոր է նաեւ քու ստեղծագործելու տրամադրութիւններդ, ներքին մղումդ: Ես եկայ այն համոզման, որ ներկայիս որ ազատուած եմ ամուլ, անպտուղ վէճերէ, ստեղծագործելու շատ աւելի ժամանակ եւ տրամադրութիւն ունիմ: Կը մաղթեմ որ, եթէ դուն ալ ունիս ժամանակը, ամբողջութեամբ նուիրուիր ստեղծագործական աշխատանքի եւ մանկավարժական նուիրական գործին: Պատմութիւնը քեզ պիտի յիշէ առաւելաբար որպէս գրողի ու մանկավարժի, մնացեալը պատմութիւնը շուտ կը մոռնայ…:
«Ծառին Ճիչը» բանաստեղծութիւններու հատորիդ մասին «Մասիս»ի մէջ գրախօսական մը գրած էի: Ես համոզուած եմ որ կարելի է դեռ երկար ու խորացուած գրել այդ գործիդ մասին: Գուցէ իր ժամանակին կ’ըլլայ այդ եւս: Ինչ որ գրած էի՝ անկեղծութեամբ էր ու համոզումով: Իսկապէս, այդ գործդ սփիւռքահայ մեր գրականութեան վերջին շրջանի նուաճումներէն է: Կը մաղթեմ որ նոր գործերով հարստացնես հայ գրականութեան անդաստանը:
Լիլիթը հասարակական գործերով կլանուած է, սակայն ոչ մեր շրջանին մէջ: Երբ ընկ. Յակոբ Պէրպէրեանը Լոնտոն եկաւ պաշտօնական առաքելութեամբ, ինձ յայտնեց թէ «Լիլիթ Ադամեանը երբեք կուսակցութեան շարքերը չէ մտած եւ եթէ ես պնդեմ այդ մասին՝ անքէթ պիտի բանայ, հետեւաբար աւելի լաւ է որ լռեմ»: Դեռ Պէյրութի մէջ, 1973-ին, ընկ. Հրանդ Գանգրունիի կնքահայրութեամբ կինս կուսակցական դարձաւ, սակայն, հաշիւներէ տարուած արգիլեցին կուսակցականութեան պատիւը… Ինքն ալ աշխատելու ցանկութիւն ունի: Երեք տարի առաջ զինք ընտրեցին Ազգային Խորհուրդի (Լոնտոնի Ազգային Իշխանութիւն) մշակութային մարմինի ատենապետուհի: Երկու տարի վարեց այդ պաշտօնը՝ մշակութային լայն գործունէութիւն ծաւալելով, իսկ մէկ ամիս առաջ զինք միաձայնութեամբ ընտրեցին Լոնտոնի «Անահիտ» կանանց միութեան ատենապետուհի (նախկին պաշտօնը արդէն իր աւարտին հասցուցած էր): Կը ցաւիմ որ Լիլիթին ուժերը մեր շրջանակին չեն ծառայեր վերջին տարիներուն, թէեւ գաղութը կ’օգտուի: Հետեւեալն ալ յայտնեմ, որ Լոնտոնի մեր շրջանակին գոյութիւնը առկայծող լոյսի կը նմանի, իսկ ոմանք գոհ են այդ վիճակէն…:
Նամակս փակելէ առաջ մեր ընտանիքին ջերմագին բարեւները յատկապէս Ազատուհիին եւ քու երկու կորիւններուն:
Մանուէլ Ադամեան
[ստոր․՝ Ադամեան]
* * *
- Էտմոն Ազատեանէն
Սաութֆիլտ, 8 Նոյեմբեր 1981[xlii]
NNNNSNZCZC NLE357 4-02868S307
LEBH CO UWNX 039
TBDN SOUTHFIELD MI 39/34 03 0122P EST
MRS. AZADOUHI SIMONIAN, BEIRUT UNIVERSITY COLLEGE P. O. BOX 4080 BEIRUT
WE ARE CELEBRATING LEVON MUGURDICHIAN’S 100TH BIRTHDAY ON NOVEMBER 17. A CABLE OF CONGRATULATIONS FROM THE SCHOOL ADMINISTRATION WILL BE APPRECIATED.[xliii]
EDMOND AZADIAN[xliv]
COL 4080 100TH 17
[Լիբանանի հեռագրական ընկերութեան՝ Օժերոյի կլոր կնիքը]
* * *
EDMOND Y. AZADIAN
21001 VAN BORN ROAD
TAYLOR, MICHIGAN 48181
TEL.: 313-374-6375
FAX: 313-374-6135
[Թէյլոր,] 5 Յուլիս 1994[xlv]
Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան,
Այսօր ստացայ Յունիս 22 թուակիրդ եւ կը պատասխանեմ փութով՝ առանց սպասելու որ քարտուղարուհիս պաշտօնաթուղթի վրայ նամակ մը մեքենագրէ, նկատի ունենալով ներկայացուցած հարցիդ հարկադրական բնոյթը:
Իսկապէս սիրտս ցաւեցաւ Ժիրայր Նայիրիին համար,[xlvi] որովհետեւ, գրածներէն դատելով՝ տակաւին շատ տալիք ունէր ան կուսակցութեան թէ ազգին: Սակայն, կ’անգիտանամ իր դադարեցման պատճառները եւ արդէն կարեւոր ալ չեմ նկատեր զանոնք: Հիմա կարեւորը այն է որ արժանաուոր մտաւորական մը եւ ազգային ղեկավար մը չիյնայ այնպիսի կարօտ կացութեան մը մէջ ու չզղջայ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ազգին: Բնականաբար, այժմէն խոստում չեմ կրնար տալ, սակայն կարելի ամէն միջոցի կը դիմեմ՝ դոյզն չափով օգտակար ըլլալու իրեն:
Քիչ մը զգայուն պարագայ մըն է այս. մենք ստիպուած ենք իրեն երկու դիմումնագիր ղրկելու, մէկը պէտք է հեռակայ լեցնէ, իսկ միւսը յանձնարարական մըն է զոր տեղւոյն Բարեգործականը կը լեցնէ ու կը ղրկէ մեզի: Այս վերջին յանձնարարականը հարցը դուրս կը բերէ խորհրդապահութենէ, յանձնարարական մը, որ գիտեմ թէ հաճելի պիտի չըլլայ ենթակային, ինչպէս հաճելի պիտի չըլլայ ինծի: Բայց կարգը այդ է: Շատ օգտակար կ’ըլլայ նաեւ եթէ դուն անձնական յանձնարարական մը կցես իր դիմումին՝ վեր առնելով իր վաստակը եւ յատկապէս իր կրթական գործունէութիւնը:
Հաճոյքով կը կարդամ պարբերական գրութիւններդ հայ մամուլին մէջ:
Բարեւներս Ազատուհիին:
Բարեկամական սիրով՝
Էտմոնտ Ազատեան
* * *
ARZOAZAD, 10:10 PM 06/12/9, Re:A response to Azadouhi on D
X-POP3-Rcpt: akalayj@flame
From: ARZOAZAD <ARZOAZAD@aol.com>
Date: Sat, 6 Dec 1997 22:10:03 EST
Subject: Re: A response to Azadouhi on Dussap
Organization: AOL (http://www.aol.com)
[հաւանաբար Տիթրոյթ,] 6 Դեկտեմբեր 1997[xlvii]
Dear Azadouhi:
I read your letter with great interest. I tend to agree with your nephew that the article is more suitable for AGBU Ararat magazine.[xlviii] But being on the editorial board of that magazine I know for fact that the magazine has already planned the two next issues, that means there will be at least a six months wait. But if you reduce the article to 4 or 5 pages I see no reason why it cannot be published in a single issue of the Mirror,[xlix] or it could be extended to the next issue. You may sent it to me with the picture and I will make sure that it gets the proper treatment at the paper.
I was also pleased to learn about Khrakhouni[l] jubilee. He had already written to me upon this return from Beirut. I am not surprised that Bebo has delivered the best lecture on the occasion. He is one of the few scholars who understands poetry well.[li] Before going to Beirut Khrakhouni had asked me if I could be one of the speakers. I said I would provided that received a proper invitation, knowing full well the situation in Beirut. I had spoken about Khrakhouni in California, Philadelphia, Detroit, Boston and Paris. After visiting Beirut he had understood why was’nt it possible for me to join him. Petty individuals had even objected to my articles in Shirag magazine about the poet. I hope you and Bebo had the chance to read them. Those articles are part of my next book on Istamboul Armenian writers.
I look forward to receiving your article on Dussap[lii] with the picture. I would also encourage you to write more often to the Mirror perhaps on women’s issues. My best regards to you, to Bebo and to your two sons.
Sincerely
Edmond Azadian
Ինքնութիւնն անյայտ անձը նամակի տպագիր տարբերակին վերը, աջին կատարած է այս նշումը․ ask about Alicia & Bebo’s մանկավարժական book։
* * *
- Մառի Աթմաճեանէն
Փարիզ, 21 Դեկտեմբեր 1967[liii]
Ազնիւ բարեկամս Պէպօ Սիմոնեան,
Ջերմ շնորհակալութիւն Ձեր սրտագին մաղթանքներուն համար: Ընդունեցէ՛ք իմ ալ փոխադարձ եւ լաւագոյն մտածումներուս հաւաստիքը:
Ձեր գրական եւ… դրական ա[յ]լ աշխատանքներուն համար կատարեալ եւ փայլուն յաջողութիւն կը մաղթեմ այս Նոր Տարուայ սեմին:
Ձերդ սրտագին՝
Մառի Աթմաճեան
Յ.Գ.– Ստացա՞ք արդեօք ղրկած գիրքերս, որոնց պէտք ունէիք գրական աշխատանքի մը համար:
Շատ կը փափաքիմ որ վերջին գրքիս՝ «Ոսկի Գեղօն»ին[liv] համար գրախօսական մը գրէք: Զիս շատ կը հետաքրքրէ Ձեր կարծիքը:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ սպասելով այս խնդրանքիս իրականացման,
Մնամ սիրով՝
[ստոր․՝ Մ.]
* * *
- Նարեկ աբեղայ Ալեէմէզեանէն
Անթիլիաս, 28 Փետր[ուար] 1982[lv]
Սիրելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,
Տնօրէն Սահակեան-Մկրտիչեան Գոլէճի․
Շնորհակալ եմ որ բարի եւ իմաստուն մտածումը ունեցած էք զիս որպէս դասախօս հրաւիրելու:
Վանքէն դուրս որեւէ դասախօսութեան կամ պարտականութեան համար, մենք Վեհափառ Հայրապետին՝ Գարեգին Կաթողիկոսի[lvi] արտօնութեան կը կարօտինք:
Նախընտրելի է որ Դուք անձնապէս Վեհափառ Հօր դիմէք եւ անհրաժեշտ արտօնութիւնը ստանալէ ետք, բարեհաճեցէք հետս կապ պահել եւ դասախօսութեան նիւթը եւ բնոյթը բացատրել:
Ես այս տարի Պիքֆայայի Դպրեվանքին հսկիչ եմ եւ եթէ ուզէք հետս կապուիլ, հրամմեցէք, կամ 980060 թիւին հեռաձայնեցէք:
Շնորհակալութեամբ եւ յատուկ ողջոյններով՝
[ստոր.՝ Նարեկ[lvii] +]
* * *
- Յակոբ Ալթունեանէն
[Թորոնթօ,] 16 Մարտ 1999[lviii]
Տէր եւ տիկին Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններ,
Անխառն գոհունակութեամբ ստացանք Ձեր 14 Փետրուար թուակիր նամակը, որու մասին մեզ իմացուցած էիք մեր վերջի[ն] հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին:
Պրն. Պէպոյի անհանգստութիւններու մասին մեր ստացած տեղեկութիւնները մեզ մտահոգած էին: Ձեր գրութեան հանդարտ թոնը մեզ հանդարտեցուց: Պրն. Պէպօն կը գտնուի տակաւին իր արդիւնաւէտօրէն ստեղծագործելու եւ արտադրելու տարիքին մէջ: Իր ընտանիքը պէտք ունի իր հովանիին եւ գուրգուրանքին, հայ համայնքը կարիքը ունի իր նման «իրաւ» մտաւորականներու նպաստին եւ ներդրումին: Ուստի, Արփինէն ու ես իրեն սրտանց կը մաղթենք ամբողջական ապաքինում եւ շուտափոյթ վերադարձ իր բեղմնաւոր աշխատանքներուն:
Ականատես կ’ըլլանք գիտութիւններու աննախընթաց յաջողութիւններուն: Մարդկութիւնը յարատեւօրէն կը թափանցէ հիւլէի եւ տիեզերքի գաղտնիքներուն: Բժշկութեան, կենսաբանութեան եւ յարակից մարզերու նուաճումները անհաւատալի կը թուին: Իսկ ինչ կը վերաբերի համակարգչային եւ տեղեկատուութեան (information) մարզերուն, հոն յառաջդիմութիւնը զգլխիչ է: Նոր սերունդները մագնիսացած եւ արբեցած են արդի գիտութիւններով: Մանուկները, իրենց դալար տարիքին, կը մտնեն էլեքթրոնիքի եւ համակարգիչի աշխարհէն ներս: Կրթական (աւելի ճիշդը՝ ուսումնական) ծրագիրները յաճախ վերատեսութեան կ’ենթարկուին՝ միշտ աւելի տեղ տալու համար գործ[ն]ական եւ շահաբեր գիտական գիտելիքներուն:
Արդի ընկերային միջավայրը շատ առաւելութիւններ ունի տալիք, որոնք մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ աներեւակայելի էին: Սակայն արդի ընկերութիւնը կը շփացնէ «դրամ» ունեցողը: Եթէ դրամ ունիս, կրնաս ընդարձակ եւ հանգստաւէտ, բոլոր յարմարութիւններով օժտուած տուն գնել, արժէքաւոր կարասի[lix] ձեռք ձգել, ճոխ հագուստներ ունենալ. ամենագեղեցիկ եւ արագ ինքնաշարժ[ն]երը գործածել, յաճախակի ճամբորդութեան հաճոյքները վայելել, եւ այլն…: Ամերիկայի մէջ երկու չափանիշեր կը գրաւեն հանրութեան ուշադրութիւնը. Մին Forbes-ի՝ հարուստ մարդոց դասաւորումն է (միլիա[րա]տէրերու միայն), միւսը՝ լաւագոյն հագուող կիներու դասաւորումը: Չեմ խօսիր Oscar-ներու մասին, որոնք յաճախ կը տրուին դերասաններու, որոնք ընդհանրապէս բարոյական տիպարին հակապատկերն են: Մի՞թէ կան այլ դասաւորումներ հիմնուած բարոյական կամ մտային արժեչափերու վրայ: Թերեւս: Սակայն այնքան աննշան են անոնք, որ հանրութիւնը անգիտակից է անոնց:
Երկրորդ իրողութիւնը այն է որ գործի ասպարէզ կայ միայն արդի թեքնոլոժիք գիտութիւնները իւրացուցած երիտասարդներուն: Համապատասխան վկայական ստացած ուսանողներ արագօրէն եւ բարձր թոշակով գործ կը գտնեն: Այլապէս, երիտասարդը կրնայ 5-6 տարի անգործ թափառիլ, մինչ այդ արդէն իր սորվածն ալ կը դառնայ ժամանակավրէպ: Ուստի զարմանալի չէ որ նոր երիտասարդութիւնը զանգուածօրէն ընտրէ ֆիզիքական գիտութիւններու ճիւղերը[lx] եւ անտեսէ մարդկային գիտութիւնները, նոյնիսկ արհամար[հ]անքով վերաբերի անոնց հանդէպ:
Այս խորհրդածութիւնները հապճեպօրէն կատարեցի եզրակացնելու համար, որ արդի ուսումնական դրութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ այն որ Պէպօ Սիմոնեանի տիպարով մտաւորական, համապարփակ զարգացումով դաստիարակը (եւ ոչ միայն ուսուցիչը) պիտի դառնայ հազուագիւտ «ապրանք» (denrée rare, ինչպէս ֆրանսացիները կ’ըսեն): Ընկերութեան լայն խաւեր սկսած են մտահոգուիլ անյայտանալու վտանգին ենթակայ բոյսերու եւ անասուններու տեսակներով եւ պետութիւններ միջոցառումներու կը դիմեն անոնց պաշտպանութեան համար։ Ո՞վ կը մտահոգուի մեր գրականութեան եւ լեզուի ուսուցիչներու տագնապով, եւ ընդհանրապէս, մտաւորական դաստիարակներու անյայտացման վտանգով: Քանի մը անուններ յիշած ըլլալու համար՝ Գրիգոր Պողարեաններու,[lxi] Բենիամին Ժամկոչեաններու,[lxii] Լեւոն Շանթերու,[lxiii] Արա Թոփճեաններու[lxiv] «endangered species», ինչպէս կ’ըսեն կենդանաբանները եւ բուսաբանները, ի սպառ անյայտանալու վրայ են:
Աստուած երկար կեանք տայ պարոն Պէպոյին:
Ուրախութեամբ կարդացինք Ձեր զաւակներու յաջողութեան մասին: Ինչպէս նաեւ իրենց համերաշխ կեցուածքին համար: Քանի մը ամիսներ առաջ, երբ մեր Շահէն գործին մէջ յառաջացում ունեցաւ եւ «group leader» եղաւ, տնօրէնութիւնը իր սեղանին վրայ դրած է գիրքերու դէզ մը եւ պահանջած որ կարդայ ու սերտէ անոնք: Վեց տարիներ Full time համալսարան, յետոյ վկայականները առնելնէն վերջ կարդացած տասնեակներով գիրքերը անբաւարար կը նկատուին: Պաշտօնի մէջ մնալու համար, ուր մնաց աստիճանները բարձրանալու համար, փորձառութիւնը այլեւս բաւարար չէ, այլ ուսանելու յարատեւ ճիգը անհրաժեշտութիւն դարձած է: «Ուսումս վերջացուցի» արտայայտութիւնը անխոհեմ է: Կը մաղթեմ որ Ձեր տղաքն ալ կը վարակուին ներկայ ժամանակներու այս հիւանդութենէն: Իրենց յաջողութեան շարունակականութեան պայմանն է:
Նոյնքան ուրախութեամբ իմացանք Ձեր այս կողմերը այցելելու կարելիութեան մասին: Եթէ նման ծրագիր մը իրականանալու ըլլայ, բարի եղէք մեզ[ի] իմացնել նախքան Ձեր Պէյրութէն մեկնիլը: Կ’իմանամ որ այստեղ ազգականներ ունիք: Եթէ իրենք տեղի յարմարութիւն չունենան, մեր տան մէջ Ձեզ[ի] նման բարեկամներու համար տրամադրելի առանձին սենեակ կայ իր յատուկ բաղնիքով: Հաննէսեաններն ալ միասին բերէք: Անոնց համար ալ տեղ ունինք:
Մինչ այդ անգամ մը եւս ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք պարոն Պէպոյին: Իսկ տիկին Ազատուհիին ալ վարձքը կատար, ուժ եւ համբերութիւն: Դուք արժանի էք երջանիկ եւ հանգիստ օրեր վայելելու Ձեր աճող զաւակներուն հետ միասին:
Արփինէին ու իմ կողմէս լաւագոյն բարեկամական զգացումներով՝
[անվերծանելի ստորագրութիւն][lxv]
Յ.Գ. Պրն. Կարապետ Հաննէսեանի խնդրանքին վրայ, ներփակ կ’ուղարկեմ Արաքսիին նկարը եւ կենսագրականը: Բարի եղէք իրեն յանձնելու: Շնորհակալութիւն:
Նոյն
* * *
- Տիրան Ակինեանէն
[Դամասկոս, հաւանաբար 1990][lxvi]
Սիրելի ընկ. Սիմոնեան,
Նախ ցաւակցութիւններ ու ապա մխիթարութիւն… Օր մը եթէ հանդիպինք՝ միատեղ կրկին կու լանք․․․:[lxvii]
Երէկ գիշեր ընկ. Արսէն Ճերեճեան հեռաձայնով կապուեցաւ հետս: Կոկիկ գումար մը պատրաստուած է «Սահակեան»ի, Կեդր. Վարչութեան, «Արարատ»ի համար: Դրամատան ճամբով կ’ուզէ փոխանցում կատարել «Սահակեան»ի անուան ու հաշուին: Խնդրեց որ իրեն փութացնեմ «Սահակեան»ի տոլարի հաշուով ունեցած լիբանանեան պանքին անունը, հաշուին թիւը եւ մասնաճիւղը: Կը յուսամ որ այս մանրամասնութիւնները շուտով կը ղրկես ինծի, որ ես ալ իմ կարգիս գրեմ ընկ. Արսէն Ճերեճեանին:
Չմոռնամ ըսելու որ ցարդ չէ ստացած Կեդր. Վարչութեան նամակը ըստ որուն ինք պիտի հետաքրքրուէր Լոս Անճելոսի իրավիճակով: Ինք կը սպասէ այդ նամակին:
Սիրով՝
[ստոր.՝ Տ. Ակինեան]
* * *
- Յակոբ Աղայեանէն
Հալէպ, 4 Մարտ 1987[lxviii]
Մեծայարգ տէր եւ տիկին ընկեր Պէպօ [եւ] Ազատուհի Սիմոնեաններ եւ սիրելի զաւակունք,
Պէյրութ.
Թանկագին հարազատներ,
Ստացանք Ամանորի առթիւ Ձեր ուղարկած նամակը եւ անոր բովանդակութեամբ շատ ուրախացանք: Ձեր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու սրտաբուխ բարեմաղթութիւնները մեծապէս կը գնահատենք: Անոնց տաքութենէն ելլելով եւ մեր զգացումներուն թարգմանը հանդիսացող այս նամակով, Ձեզի կը մաղթենք արեւշատութիւն, քաջառողջութիւն եւ անխառն երջանկութիւն:
Գալով մեզի, փառք Աստուծոյ, բոլորս ալ լաւ, հանգիստ ենք: Մեր անդրանիկ զաւակը՝ Հայրօն, արդէն իսկ քալելու սկսաւ: Ներկայի իր անհանդարտ եւ չարաճճի շարժումները արդէն ցոյց կու տան, թէ մեր բալիկը արդէն իսկ մարտական-մտաւորական հնչակեան մը պիտի ըլլայ: Տիկինս՝ Էլօն ալ լաւ է. Ձեզի շատ-շատ բարեւներ ունի եւ հպարտ է Ձեզմով: Առաջ Աստուած, այս ամառ կ’ունենանք մեր երկրորդ զաւակը: Մենք շատ ուրախ բոյն մըն ենք: Երկուքով կ’աշխատինք, երկուքով կը մտածենք, այդպէս կը շարժինք եւ երբեք տարակարծութիւններ չունինք: Հայրս, մայրս, Անին,[lxix] քեռիենք, Զարուկենք[lxx] բոլորն ալ լաւ են եւ Ձեզի շատ-շատ բարեւներ ունին: Արդէն մայրս մեր մօտն է եւ Հայրոյին կը նայի:
Սիրելիներ,
Ասկից մէկ շաբաթ առաջ ընկերներ Տիգրան Սարաֆեան ու Վահրիճ Ճերեճեան Հալէպ եկան: Բաւական բան իմացանք Աթէնքի մէջ անցած-դարձածին մասին:[lxxi] Ընկերները հոս ալ բաւական շինիչ աշխատանքներ ունեցան: Ընկ. Տիգրան Սարաֆեանի ներկայութեան գումարեցինք ընդարձակ ժողով մը «Արարատ» օրաթերթի կապակցութեամբ: 1986-ի նիւթական հաշուեփակը ըրինք եւ խօսեցանք օրաթերթին բարոյական հարցերուն շուրջ եւ նամանաւանդ զայն աւելի որակաւորելու հարցով: Այս խնդրին համար, մեր ունեցած դիտողութիւններու[ն] համար, յատուկ նամակ մը պիտի խմբագրենք օրկանի տնօրէնութեան եւ խմբագրութեան, որուն մէջ ուշագրաւ կէտը թերթին մէջ մշակութային սիւնակի չգոյութիւնն է: Հոս շատ է թիւը այդ սիւնակը փնտռողներու: Ընկ. Տիգրանին իսկ վկայութեամբ, թերթին մէջ միակ լուրջ եւ որակաւոր էջը այդ սիւնակն էր, որ շուտով պէտք է լոյս տեսնէ: Գալով Ազատուհի քոյրիկին յօդուածներուն, մէկ-մէկ կը կարդանք եւ հաճոյք կ’առնենք անոր վերլուծական եւ գիտական տուեալներով գրուած ըլլալու բարձր որակէն: Կը մնայ որ Ազատուհի քոյրիկը առանձին հատորով մը հրապարակ իջնէ եւ ինքզինք պարտադրէ որպէս կին գրող մեր գրականութեան բուրաստանին մէջ: Ազատուհին, որպէս կին, աւելի ատակ է բուրումնաւէտ վարդ մը ըլլալու այն բուրաստանին մէջ, որ լեցուած է անհրապոյր ծաղիկներով: Մաղթենք:[lxxii]
Ընկ. Տիգրանէն լսեցի, որ տէր եւ տիկին բաւականին յաջող եւ օգտաշատ այցելութիւն մը ունեցած էք դէպի Դամասկոս: Մենք աղօթողն ենք, որ ընտանեկան յարկը միշտ ալ շրջապատուած ըլլայ մշտական առողջութեամբ: Յամենայն դէպս դուք բարիներ էք: Բարիները օրհնուած կ’ըլլան եւ երկնային ուժը զիրենք կը փրկէ փորձանքներէ:
Սիրելի քեռի,
Կարծեմ ա՛լ ժամանակը հասաւ, որ գրքիս համար քու իմաստասէր եւ փիլիսոփայ ոճովդ լաւ գրախօսական մը իջեցնես «Արարատ»ի մէջ: Հոս 300 թիւ կը ծախուի մեր օրկանէն, այնպէս որ, գիրքերս ծախելու չսկսած, քու ստորագրութեամբդ եղած գրախօսականը շատ մեծ արժէք ունի գիրքերու արագ ծախուելուն, որովհետեւ քու մասիդ Հալէպի մէջ տիրող կարծիքը մեծ է, մեծ եւ շատ մեծ, որպէս հմուտ գրող, խոր գրող, ծանր գրող: Լիայոյս եմ, որ այս մէկը շուտով կ’ընես, որուն համար քեզի կը ներկայացնեմ կանխայայտ շնորհակալութիւններս:
Անկեղծօրէն՝
[ստոր․՝ Յակոբ Աղայեան]
* * *
- Պարոյր Աղպաշեանէն
Պէյրութ, 12 Յունուար [19]89[lxxiii]
Սիրելի ընկ. Պէպօ,
Նախ՝ բարեւ, յուսամ ամէն ինչ լաւ է:
Ներփակ կը գտնէք աշխատակցութեան հրաւիրագիր մը, որ ինքզինք կը բացատրէ: Վստահ եմ որ կ’ընդառաջէք մեր փափաքին եւ Ձեր մասնակցութիւնը կը բերէք:
Երկրորդ հրաւիրագիր մըն ալ կը ներփակեմ: Դասախօսութիւնները մասնագիտական-հայագիտական բնոյթ ունին:
Ձեր ուսուցիչներուն ներկայութիւնը խիստ փափաքելի պիտի ըլլար:
Շուտով տեսնուելու ակնկալութեամբ՝
Պարոյր Աղպաշեան[lxxiv]
* * *
- Անդրանիկ Արարատէն
Դամասկոս, 28 Հոկտեմբեր 1988[lxxv]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Որպէս յաւելուած Ձեզի ուղարկուած մեր հրաւիրագիրի ծանօթութիւններուն, կը փափաքինք յիշեցնել հետեւեալները:
Որոշեալ ձեռնարկին՝ «Սփիւռքահայ գրականութեան օրեր»ու նախապատրաստական աշխատանքները բնական ընթացքի մէջ են:
Նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը, յարմար սեպեցինք ձեռնարկին թուականը տեղաշարժել, աւելի նպաստաւոր մթնոլորտի մը մէջ կայացնելու համար մեծ թիւով հայ գրողներու հաւաք մը, առաջին անգամ ըլլալով: Նոր թուականին մասին Ձեզի կը գրենք այլ նամակով մը:
Մինչ այդ, եթէ որեւէ պատճառով Ձեր պատասխանը չէք ուղարկած, եւ եթէ տակաւին փափաքն ունիք յիշեալ ձեռնարկին մասնակցելու՝ ըստ 18-8-1988-ի հրաւիրագրին, կը խնդրենք առաւելագոյնը մինչեւ Դեկտ. 31-ը մեզի հասցնել Ձեր յիշեալ ձեռնարկին չմասնակցելու ցանկութեան յայտարարութիւն:
Կ’ուզէինք յիշեցնել այս առթիւ, թէ վերատեսութեան ենթարկելով կարգ մը տուեալներ, յարմար սեպեցինք որ Լիբանանէն մասնակցիլ փափաքողներու ճամբորդական հարցերը հոգացուին ձեռնարկը կազմակերպողներուն միջոցներով:
Վստահելով Ձեր համագործակցական ոգիին, կը յղենք մեր եղբայրական ողջոյնները:
Անդրանիկ Արարատ[lxxvi]
[ստոր․՝ ԱԱրարատ]
* * *
- Վահէ Աջապահեանէն
[Փասատենա,] 14 Օգոստոս 1995[lxxvii]
Ինձ շատ յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Չեմ գիտէր ուրկէ սկսիլ իմ նամակը:
Նախ կու գամ Ձեր ներողամտութիւնը խնդրելու այսքան երկար (17 տարի) բացակայութենէ ետք գրել[ու] իմ ընկերական այս նամակը:
Պիտի ուզէի հարցնել Ձեր ու Ձեր ընտանիքի (Ազատուհիի ու տղաներուդ) որպիսութիւնը եւ յատկապէս Ձեր առողջական վիճակը: Յոյսով եմ որ լաւ ու առողջ ըլլալու էք:
Սիրելի ընկ. Պէպօ, ինչպէս վերը յիշեցի, իմ երկար բացակայութեան ու զգացումներու արտայայտութիւնը յանձնել թուղթին:
Սակայն Դուք ինձ համար եղած էք միշտ յիշատակելի ու անմոռաց դաստիարակ ու ղեկավար: Այս ըսելով կ’ուզեմ ըսել, թէ կրնաք հարցնել ամէն անձի որ կ’այցելէ մեր շրջանները, առանց բացառութեան միշտ առաջին հերթին հարցուցած եմ Ձեր մասին ու ստացած եմ բաւարար տեղեկութիւններ: Կրնաք Շողիկին[lxxviii] հարցնել:
Կը լսենք այստեղ Ձեր ունեցած դժուարութիւններու մասին: Ու այս Ձեր ունեցած վերջին դժուարութիւններն են որ զիս մղեցին գրելու այս նամակս:
Դժբախտաբար ունեցած դժուարութիւններդ [եթէ] գային ակնկալուած անձերէ, կը խորհիմ թէ ո՛չ դուն եւ ո՛չ ալ Ձեզի պէս մտածողները կ’ունենային յուսախաբութեան նշոյլ մը անգամ:
Դժբախտաբար երիտասարդներ որոնց դուն դաստիարակած ու կրթութեան մէջ յառաջանալու պատճառ դարձած ես: (Անմիջական Ձեր պարագաներն իսկ):
Այսօր ինչ-ինչ հաշիւներէ տարուած, ուրիշներէ[lxxix] խմելով զիրենք հարբեցնող պղտոր ջուր, չեն ունեցած տարրական պարկեշտութիւնը խօսելու ու լռեցնելու այն մարդկանց, որոնք Ձեզի դէմ հանեցին քու երէկուայ աշակերտներդ:
Սակայն այսօր կը խղճամ իրենց ստացած ուսումին, կարողութեան ու ունեցած գիտակցութեան մակարդակին:
Պաշտօնի տէր դառնալը չի նշանակեր ունենալ մարդկային գիտակցութեան մակարդակ: Ուսումը իրենց տուած է միայն թէորին:[lxxx] Դժբախտաբար այսօր իրենցմէ շատ տկարները կ’իշխեն իրենց գիտակցութեան ու կողմնորոշումներուն վրայ:
«Կ’ողբամ քու վրայ, ո՜վ համալսարանական կամ աթոռի սիրահար երիտասարդութիւն, որ չունիս քու անձնական դատողութիւնն ու կարողութիւնը»:
Սիրելի ընկ. Սիմոնեան, առանց մեր նամակակցութեան ու կապի կը խորհիմ թէ այսքանով կրցած եմ հասկնալ Ձեզի հանդէպ եղած անարդարութիւնները, զրպարտութիւնները եւ արտայայտութիւնները:
Սակայն Դուք ու յատկապէս Ձեզի դէմ անարդարութիւն կատարող երէկուայ երեխաները թող իմանան որ Դուք առանձին չէք եւ ունիք այստեղ՝ Լոս Անճելոսի մէջ հսկայ փաղանգ մը Ձեզ յարգող ու սիրող: Ձեզ առանձին չեն թողուր երբեք: Կու գայ ժամանակը ու կը տեսնեն Ձեր ունեցած յարգանքն ու պատիւը յաչս Ձեզ մեկուսացնել ուզողներուն:
Ես որպէս հնչակեան մէկ զինուորագրեալ, ամչնալով է որ գրեցի ու շեշտեցի Ձեզի հանդէպ եղածները:
Մենք որպէս հնչակեաններ կարիքն ու անհրաժեշտութիւնը ունինք Ձեզի պէս բարձր մակարդակի տէր մտաւորական ու կրթական մշակներու, ինչ որ շատ պակասը ունինք յատկապէս այս օրերուն երբ հայրենի պետականութիւնը իր կազմաւորման շրջանի[ն] մէջ է: Ահա այստեղ է որ մենք պէտք է ներկայացնենք հայրենի իշխանութիւններուն Ձեր նմաններուն՝ որպէս հնչակեան մտաւորական սերունդի ներկայացուցիչներէն մին:
Իսկ այսօր մենք որպէս հնչակեան ի՞նչ նեդրում կը կատարենք Հայրենիքին [մէջ]: Այս մէկը ուրիշ հարց է, կարելի է շատ երկար գրել այս մասին: Առ այժմ կը բաւարարուինք այս քանի մը բառերով:
Ցաւով է որ կ’ըսեմ՝ չեմ խորհիր որ այս մեր նորելուկ ղեկավարութիւնը ունի այդ գիտակցութիւնն ու հեռանկարը:
Դժբախտաբար այսօր Լիբանանի մէջ ունինք կարճատես ու պատեհապաշտ, ոչ-քաղաքագէտ ղեկավարութիւն մը:
Սիրելի ընկեր Պէպօ, շատ բաներ կան խօսելիք ու գրելիք: Կը յուսամ յառաջիկային յաճախ կը նամակակցինք ու կը փոխանակենք մեր զգացումները եւ դէպքերու հանդէպ մեր վերաբերմունքն ու կեցուածքը:
Պիտի խնդրէի որ գրէք Ձեր վերջին զարգացումներուն ու առաջարկութիւններուն մասին: Ես անձամբ կը կատարեմ իմ հնարաւորութեան ներած չափով օգտակար ըլլալ Ձեզի ու Ձեր միջոցաւ՝ մեր կազմակերպութեան ու դպրոցին:
Այսքանով կ’ուզեմ փակել իմ նամակը մաղթելով Ձեր ընտանիքին առողջութիւն եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ:
Սիրելի ընկեր Պէպօ, Դուք Ձեզ աւելի գօտեպնդեցէք ու նորանոր գործունէութեամբ պահ[եց]էք Ձեր փայլքը Ձեր ընտանիքի ու մեր կազմակերպութեան՝ Ս. Դ. Հ. Կուսակցութեան:[lxxxi]
Միայն մէկ բան կրնամ ըսել (թէեւ ես շատ փոքր եմ այս ըսելու)՝
Վարձքդ կատա՛ր, ընկ. Պէպօ Սիմոնեան:
Յարգանքներով՝
Վահէ Աջապահեան[lxxxii]
Vahe Atchabahian
1870 Layton st.
Pasadena, CA. 91104
Tel.: 818-791-8085
* * *
- Էտի Առնաւուտեանէն
Eddie Arnavoudian
136 Rowland Hill House
Nelson Square
London SE1 0LU
Mr. Bebo Simonian
c/o Azadouhi Kalaidjian
Lebanese American University
- P. O. Box 13-5053
BEIRUT– Lebanon[lxxxiii]
[Լոնտոն,] 2 Սեպտեմբեր 1997[lxxxiv]
Սիրելի պարոն Պէպօ Սիմոնեան,
Ձեր հասցէն առի «Նայիրի»ի վերջին համարէն: Խնդրեմ ներեցէք հայերէնի իմ լեզուական, ուղղագրական անճոռնիութեան: Մեր գրականութեան սիրահար եմ, սակայն գրելու, խօսելու վարժ չեմ: Հայերէն կը խօսիմ հազիւ ամիսը անգամ մը, երբ մօրս այցելեմ:
Կը գրեմ յայտնելու իմ համակրանքս Ձեր՝ «Նայիրի»[ի] էջերուն [մէջ] հրատարակուած գրութիւններուն: Մասնաւորապէս սիրեցի Ձեր վերջին յօդուածը – կարծեմ «Գաղափարներու տեղը հանրութեան մէջ»ի նման տիտղոսով: Չունիմ քովս թերթին համարը: Անթիլիասի «Հասկ» տարեգիրքին մէջ կարդացի Ձեր գրութիւնը Թլկատինցիի մասին[lxxxv]. իրապէս առաջին կարգի վերլուծում ու պարզաբանում: «Նայիրի» մէջ ալ կարդացի անցեալ տարի Ձեր յոբելեանին նուիրուած երեկոյթի[ն] մասին: Շատ ուրախ եմ որ Ձեր նման մտաւորականներ տակաւին կը գործեն մեր հայահոծ գաղութներէն ներս: Եթէ պատեհութիւնը ունենաք պատասխանելու, խնդրեմ գրեցէ՛ք Ձեր մասին ու յայտնեցէ՛ք Ձեր կարծիքը մեր ժամանակակից գրական-մշակութային կացութեան մասին: Փարիզի «Յառաջ»ին մէջ կարդացի որ Պոլիսի հայ եկեղեցիներու մէջ այս օրերս քարոզը թրքերէն լեզուով կ’ընեն…! Լսած եմ նաեւ որ նոյնիսկ Պէյրութի փողոցներուն[lxxxvi] մէջ մեր երիտասարդները այլեւս հայերէն չեն խօսիր: Մի՞թէ ճիշդ է ասիկա:
[Կը] մաղթեմ Ձեզի ամենամեծ յաջողութիւններ:
Յարգանքով՝
[ստոր.՝ Էտի Առնաւուտեան]
Էտի Առնաւուտեան
Էջին ամենէն վարը, ձեռագիրով աւելցուած է այս յետգրութեանը․ Յ.Գ.– Յիշեմ նաեւ Ձեր գրութիւնը Անդրանիկ Անդրէասեանի մահուան առթիւ: Շատ գեղեցիկ էր:
* * *
[Լոնտոն,] 15 Ապրիլ 1998[lxxxvii]
Սիրելի պարոն Պէպօ Սիմոնեան,
Ներեցէ՛ք որ այսքան ուշացուցի պատասխանը Ձեր 5 Հոկ. թուակիրին: Ծանր յանցանք էր այս յետաձգումը: Քանի մը ամիս հիւանդ էի: Երկու շաբաթ անց ապաքինած, արձակուրդի գացի Wales-ի լեռներուն մէջ ուր զոհ եղայ արկածի մը որ անգամ մը եւս ուշացնել տուաւ այս նամակին գրութիւնը. Հեծելանիւով ճամբորդելու միջոցին ինքնաշարժ մը բախեցաւ ինծի: Բարեբախտաբար միայն հեծելանիւս ջախջախուեցաւ: Բայց անցաւ…:
Յուսամ որ Դուք հանգիստ էք ու Ձեր գործերը յաջող կ’ընթանան: Ներեցէ՛ք գրական ու ուղղագրական թերիներս: Թէ որ ամէն օր մեր լեզուով բան մը չկարդամ կամ գրեմ՝ կը կորսնցնեմ բոլորովին, նոյնիսկ ճղճիմ վարժութիւնս: Երանի միջոց մը ունենայի ամէն օր հայերէն խօսելու ու գրելու: Բայց աւա՜ղ…: Գիտակից եմ երբեմն թէ ուր են լեզուական անբնական դարձուածքները, սակայն գաղափար իսկ չունիմ ինչպէս ուղղել զանոնք, կամ ալ լեզուն մաքրագործելը արդէն չունեցած ժամանակս պիտի խլէ:
Կարդացի Վլադիմիր Պետրոսեանի[lxxxviii] գրախօսականը ձեր «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» հատորին:[lxxxix] Չափազանց այժմէական հարցեր կ’արծարծէք, մասնաւորապէս պետութեան դերին ու ընկերային կեանքի[ն] վերաբերմամբ: Յուսամ հատորը լայն տարածում ունեցած է: Այս անկումային տարիներուն, մարդկային վսեմ իղձերուն ջահը վառ պահելու աշխատանքին մեծ ներդրում մը ըրած պիտի ըլլաք այդ գրութիւններով: Վստահ եմ՝ դատելով գրախօսականէն միայն… քանի տակաւին չեմ կարդացած գիրքը…: Ի՞նչ հակազդեցութիւն ունեցած է գիրքը: Մի՞թէ դպրոցական կամ հանրային գրադարաններու մէջ մատչելի է: «Նայիրի»ի Ձեր տրամադրած գրութիւններէն կ’եզրակացնեմ որ միջազգային գիրք չկարդալու ախտը տարածուած է նաեւ Լիբանան:
Կը մտածեմ որ պիտի ուրիշ միջոց կիրառենք հաղորդելու երիտասարդութեան մարդկային մշակոյթի գանձարանին պարունակութիւնը: Նիւթականօրէն եթէ կարելի ըլլար պիտի Ձեր հատորը կամ հատուածներ հատորէն, ուրիշ գործերու հետ ձայներիզի անցընել՝ համեմուած քանի մը յարմար իմաստուն երգերով կամ համակարգիչի (multi-media) յարմարցնել: Հոս մենք քանի մը ընկերներով անգլերէնով փորձած ենք այսպէս բան մը ընել: Սակայն, դժբախտաբար, ապաքաղաքականացումը համաճարակ դարձեր է: Հիմակուհիմա:
Խնդրեմ իմացուցէ՛ք քանի՞ տոլար պիտի ըլլայ գրքին գինը, առաքման ծախսով ալ, որպէսզի ստանամ Ձեր այս հատորը: Այս առտու «British Library»էն առի շաբաթավերջին կարդալու համար Ձեր «Ծառին Ճիչը» բանաստեղծութեանց հատորը: Կը գրեմ կարծիքս: Գիրքերու կապակցութեամբ կրնա՞ք թելադրել գրութիւն մը կամ հատորիկ մը որ ժամանակակից լիբանահայ գաղութի ընկերային կառուցուածքէն ու կեանքէն գաղափար մը տայ: Գիտեմ, գաղութը շատ տուժած ու նօսրացած է ու առաջուան աշխուժութիւնը չունի: Նորերս բախտաւոր էի կարդալու «British Library»ի մէջ «Գրական Արարատ»[ի], «Էջեր Գրականութիւն եւ Արուեստի»[ի],[xc] «Մշակոյթ – Գիրք Գրականութեան եւ Արուեստի»[ի][xci] համարները (ուր, միջանկեալ, Ձեր անունը կանոնաւորապէս կ’երեւի – կարդացի ու սիրեցի Գեղամ Բարսեղեանի[xcii] մասին Ձեր գրութիւնը ու նաեւ Սիլվա Կապուտիկեանի մասին շատ հաւասարակշիռ դատում մը): Այսպիսի յախուռն գրական աշխատանք, գիտեմ, պիտի չըլլայ հիմա: Սակայն ընկերային, գրական, մշակութային ու քաղաքական ծեծուելիք հարցեր պիտի ըլլան:
Արկածիս հետեւանքով երբ անկողին մնացի, կարդացի Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն Մէջ»ը: Ցնցեցուցիչ գործ մըն է: Վաւերական կերպով յիշատակած է մարդկային ահաւոր տառապանքը ու ցաւը: Հայոց պատմութեան հատորները կը պատմեն որ ջարդերու ընթացքին հարիւրներ մահացան ողջակիզուած՝ եկեղեցիներու մէջ: Զապէլ Եսայեան մեզ կը տանի այդ հրկիզուած եկեղեցիներուն փակ դռներուն ետեւը: Ահռելի, անհաւատալի: Երկը ունի տկար կողմ մը: Առանց նախնական պատմական գիտութեան, անկարելի է հասկնալ ընկերային, պատմական, հոգեբանական ու մշակութային այն պատճառները, հիմքերը ջարդերուն: Ի՞նչ ազդակներ են որ մարդս կը մղեն ոչ միայն օտարը, այլ նոյնիսկ իր տարիներու դրացին մորթելու: Կը պակսի հոս այն գեղարուեստական-բացատրական առաւելութիւնը, որ կը տեսնենք Հրանդի[xciii] գործին մէջ: Նոյնպէս սակայն հսկայ գործ մըն է:
Կ’ուզէի փորձել բան մը գրել այս մասին: Շուտով հինգ տարի պիտի ըլլայ որ յարատեւօրէն հայերէն կը կարդամ: Ամբողջովին համոզուած եմ որ գրական արժէքներ ունինք որ վկայութիւն մըն են մարդկային ամենախորին փորձառութեանց: Մարդս ամբողջական մարդ ըլլալու համար պէտք է իւրացնէ միջազգային մշակութային կոթողները: Սակայն հարկ է հասկցնել մեր երիտասարդութեան ու երբեմն երէցներուն ալ, որ մեր մշակոյթի առաջնակարգ գործերը մաս կը կազմեն այս միջազգային մշակոյթին – նոյնպէս արժէքաւոր ու նոյնպէս կարեւոր: Զապէլին գրութիւնը ասոնցմէ մէկն է: Հրանդինն ալ՝ տարբեր կերպով: Թէ որ հայ լեզուն մարի կարդացողի պակասէն, մշակութային կորուստը մարդկութիւնը պիտի կրէ:
Եթէ հայերէն գրելու աւելի վարժ ըլլայի, շատ ուրիշ հարցեր պիտի արծարծէի: Ու կը յուսամ օր մը անոնց մասին խօսակցիլ Ձեր հետ: Օրինակ, միթէ ճի՞շդ է որ Հրանդն էր Արփիար Արփիարեանի մատնիչութեան յերիւրանքին աղբիւրը: Կամ եթէ իսկապէս մատնիչ էր, ի՞նչ պատճառներով այսպիս ազնիւ մարդ մը այդպէս բան ըրաւ: Հրանդը, որ, իմ հասկացողութեամբ, սկզբունքի մարդ էր, տարիներով բանտերու մէջ տառապած, ինչո՞ւ պիտի մատնանշէր անմեղ Արփիարեանը: Այս հարցը կ’արծարծեմ ոչ իբր հետաքրքրական ժամանց, այլ որովհետեւ քանի մը տարի առաջ հանդիպեցայ մարդու մը որ Արփիարեանը գնդակահարելը արդարացուց!!! Ուրիշ հարց մը. իրա՞ւ է որ Երուխանը[xciv] հնչակեան շարքային էր: Գիտեմ որ ասիկա իր գրական արժէքին որեւէ կերպով չ’աւելցներ կամ պակսեցներ: Սակայն թէ որ ճշմարիտ է, ինչո՞ւ մեր գրականութեան պատմիչներ այս տուեալը չեն հաղորդեր: Մարդուն եթէ ոչ գեղարուեստական արժէքին, գոնէ իր աշխարհայեացքին ու կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցած ըլլալու է: Ուրիշ հարց մը: Ի՜նչ խայտառակութիւն որ 1927-ին գրական երեկոյթի մը մէջ որուն նախագահն էր Լեւոն Շանթը, Զապէլ Եսայեանին իրաւունք չտրուեցաւ խօսելու ու բեմէն ստիպուած հեռացաւ: Կարեւոր է լուսաբանել այս հարցերը: Մէկդի դնելով Շանթի գրական գործին արժէքը – Շանթի քաղաքական ու իմաստասիրական հետեւորդները կը փորձեն Եսայեանը իւրացնել ու «յետարդիական» կամ զուտ ենթակայական նշանակութեան վերածել իր գործերը: Կարդացեր եմ գործեր եւրոպահայ մտաւորականներէ որ մեր գրական-մշակութային արժէքները ժողովրդական կեանքէն կ’անջատեն ու սոսկ անհատական հաճոյքի ու ճաշակի հարցի կը վերածեն: Շատ, շատ ուրիշ հարցեր, բայց բաւական է հիմակուհիմա:
Փակեմ նամակս յղելով իմ ջերմագին մաղթանքներս ու անգամ մըն ալ ներողութիւն խնդրելով թէ՛ նամակիս ուշացումին ու թէ՛ հայերէնին որակին:
Յարգանքով՝
[ստոր.՝ Էտի Առնաւուտեան]
Էտի Առնաւուտեան
* * *
[Լոնտոն,] 9 Յուլիս 1998[xcv]
Սիրելի պարոն Պէպօ Սիմոնեան,
Քանի մը տող կը գրեմ անգամ մը եւս շնորհաւորելու Ձեզ՝ Ձեր տարած մշակութային ու գրական աշխատանքին համար: Վերջերս Փարիզ այցելեցի՝ Սամուէլեան գրատունէն[xcvi] հայերէն գիրք փնտռելու: Հոն գտայ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1971-ի թիւը ուր հրատարակուած է Ձեր՝ Հայաստանի երիտասարդ բանաստեղծներու մասին լուսաբանիչ գրութիւնը:[xcvii] Միաժամանակ գնեցի նաեւ Ձեր գրքոյկը Հայաստանի գրականութեան մասին: Կը յուսամ որ եթէ տակաւին գրական-քննադատական Ձեր գործերը հատորի մը մէջ չէք ամփոփած, մտադի[՞]ր էք զանոնք շուտով մը հրատարակել երիտասարդ սերունդի[ն] ու ապագային համար: Բարձր չափանիշ նուաճող գրութիւններ են – իմ համեստ կարծիքով:
Յուսամ որ Դուք հանգիստ էք: Քիչ մը տխրութիւն կը պատճառէ ինծի որ Ձեր ստորագրութիւնը վերջերս շատ չեմ տեսած «Նայիրի»ի մէջ: Կ’ենթադրեմ որ բազմազբաղ ըլլալու պատճառով է: Այս պարագային դժբախտը ես եմ քանի երբ «Նայիրի»ն ձեռքս անցնի, միշտ կը յուսամ Ձեզմէ գրութիւն մըն ալ կարդալ:
Ինչ եւ իցէ… ջերմագին մաղթանքներս ու խորագոյն յարգանքներս: Անգամ մըն ալ ներողութիւններս ալ հայերէնի ուղղագրական ու լեզուական անճարակութեանս: Ինչպէ՞ս պիտի մաքրագործեմ մայրենի լեզուս՝ չեմ գիտեր:
[ստոր.՝ Էտի Առնաւուտեան]
Էտի Առնաւուտեան
* * *
Լոնտոն, 12 Հոկտեմբեր 1998[xcviii]
Սիրելի պարոն Պէպօ Սիմոնեան,
Հրճուանքս սահման չունեցաւ երբ ստացայ Ձեր 17 Սեպտեմբեր թուակիր նամակը: Երեք էջանոց հայերէն նամակ ինծի համար լման խնճոյք մըն է, մասնաւորապէս անոր համար որ ենթադրած էի որ տրամադրութիւն չունէիք այլեւս գրելու՝ իմ նախօրօք անքաղաքավարութեան պատճառով – այսինքն Ձեր առաջին նամակին այնքան յապաղումով պատասխանելս:
Խնդրեմ իմ շնորհաւորական խօսքերը չշփոթէք «գնահատական ակնկալողին» գոհացում տալու փուճ արտայայտութիւններու հետ: Երբեք չենթադրեցի որ «ակնկալող» մըն էք: Շնորհաւորական խօսքերս ներշնչուած են Ձեր արտայայտած կարծիքներու ու տեսութեանց որակէն: Ես հինգ տարի է հիմա որ ամէն օր գոնէ քանի մը էջ հայերէն կը կարդամ: Սակայն հազուագիւտ են գրութիւնները որոնք իմ գաղափարական ու մտաւորական պահանջները գոհացնեն, որով երբ կարդամ այն հազուագիւտներէն՝ անկարելի է չխանդավառուիլ: Շնորհաւորական խօսքերս թէ որ նպատակ ունին՝ այն ալ տեսակ մը խնդրանք են որ ստացողը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Թէ ինչ ձեւով կամ միջոցաւ Ձեր գործերը Լոնտոնի British Library հասած են՝ չեմ գիտեր: Սակայն գիտեմ որ արդիւնք են Հայր Ներսէս Ներսէսեանի[xcix] ջանքերուն: Ինքը Հայկական ու Միջինարեւելեան Բաժնի տնօրէնն է ու տքնաջան աշխատանքով պատուոյ արժանի հաւաքածոյ մը կուտակած է հայ գիրքերու – ձեռագիր, հնատիպ ու արդի: Երբ, ինչպէս մտադիր եմ, այցելեմ Պէյրութ մօտ օրէն, Ձեր այլ հրատարակութիւններէն մէկական օրինակ պիտի գնեմ տալու British Library-ի հաւաքածոյին, միաժամանակ վերցնելով ինծի համար անձնական օրինակներ:
Իմ Լոնտոն հաստատուիլս ակամայ տեղափոխութիւն էր Kenya-էն (East Africa) 1969-ին, գործ ճարելու մտահոգութիւններով մղուած: Հայրս ու մայրս Եգիպտոս ծնած էին (հայրս 40 տարի առաջ Քենիա մահացած է): Ամուսնանալու համար, ստիպուեցան երկրէն հեռանալ քանի իրենց ընտանիքները անհաշտ աչքով կը դիտէին երկու երիտասարդներու սիրահարութիւնը: Ու այսպէս, հասան Քենիա ուր ես, երկու եղբայրներս ու տեղ բանաստեղծական թռիչքով կերտած է կրաւորական, վեհերոտ, գործնական աշխատանքի անընդունակ, բայց միաժամանակ ազնիւ ու համակրելի անհատի մը ցաւալի քայքա[յ]ումը:[c] Գրեթէ ամէն էջին կան կեանքի, բնութեան, արուեստի, նկարչութեան, մեր եկեղեցիի, ազգային հարցերու ու պատմութեան մասին կարծիքներ որմէ կրնանք բան մը շահիլ այսօր ալ: Նման բառերով պզտիկ բան մը գրած ու առաքած եմ «Նայիրի»ին:
Յոյսով եմ որ Ձեր դասախօսութիւնը Օշականի մասին յաջող ընթացաւ ու մասնաւորապէս կը յուսամ որ լսող ժողովուրդի[ն] շարքերը խտացած էին երիտասարդներով: Խնդրեմ հրատարակեցէ՛ք Ձեր դասախօսութիւնը «Նայիրի»ի էջերուն [մէջ]: Իսկ ասիկա թէ որ անկարելի է՝ խնդրեմ ղրկեցէ՛ք պատճէն մը ինծի: Օշականի հարցը զիս շատ կը հետաքրքրէ: Տաղանդ էր: Ինքնահակասական էր: Սակայն իր ըսածին մասին մտածել, խորհրդածել պտղաբեր է: Թէ՛ իր քննադատական ու թէ՛ իր գեղարուեստական գործերը, իմ համեստ կարծիքով, վերարժեւորումի կը սպասեն մանաւանդ որ կան հոս՝ Եւրոպա մտաւորականներ որ Օշականի գործերը կը չարաշահեն առաջ տանելու տեսութիւն[ն]եր որ Օշականը նոյնիսկ իր ամէնէն ձախող[ci] մտաւորական պահերուն պիտի չհանդուրժէր: Կ’ընդլայնեմ ուրիշ անգամ: Հայերէն գրելը հաճոյք է, սակայն նոյն ատեն՝ տաժանք:
Հիմա փակեմ այս նամակս, ինչպէս միշտ խորագոյն յարգանքներով ու խնդրանքով, որ ներողամիտ գտնուիք ուղղագրական ու լեզուական բազմաթիւ աղտերուն:
[ստոր.՝ Էտի Առնաւուտեան]
Էտի Առնաւուտեան
* * *
Լոնտոն, 17 Մարտ 1999[cii]
Սիրելի պարոն Պէպօ Սիմոնեան,
Այսօր միասին ստացայ «Նայիրի»ի վերջին քանի մը համարները: Կարդացի Ձեր հիւանդութեան մասին ցնցեցուցիչ լուրը:
Կը գրեմ պարզապէս մաղթելու համար որ շուտով Ձեր առողջութիւնը հասնի առաջուայ մակարդակին: Անգլերէնով եթէ գրելու ըլլայի, պիտի ըսէի, from the depths of my heart I wish you a full recovery and may your heart return to unseen levels of strength and vigour.
Յուզումով կարդացի Ձեր տիկնոջ գրութիւնը Աւստրալիոյ հայ գաղութի մասին: Մօրս ընտանիքէն շատերը հոն գաղթեցին Եգիպտոսէն:
Շատ բան կ’ուզէի հարցնել հայ մշակոյթի մասին: Սակայն այս առթիւ ոչ միայն չեմ ուզեր Ձեզ պատասխանելու պարտադրանքի ենթարկել, այլ պատեհութիւնն ալ չունիմ երկար նամակ գրելու: Քանի մը շաբաթէն մեր առաջին զաւակը պիտի ծնի: Այս պատճառով տան մէջ չափազանց բազմազբաղ ենք: Մեր զաւակը մանչ պիտի ըլլայ ու զինքը Ռաֆֆի պիտի կոչենք: Մեր լեզուով ուղղագրական ճիշդ ձեւը տակաւին չեմ ստուգած: Տարբերակները հայ գրքերու մէջ բազմաթիւ ու շփոթեցուցիչ են…:
Անգամ մը եւս խորին յարգանքներով ու կազդուրման բուռն յոյսերով՝
[ստոր.՝ Էտի Առնաւուտեան]
Էտի Առնաւուտեան
* * *
- Յակոբ Ասատուրեանէն
Hagop Asadourian
30 Downey Drive – P.O. Box 353
Tenafly, N. J. 07670
[Նիւ Ճըրզի, Ա. Մ. Ն.,] 13 Մայիս 1998[ciii]
Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,
Շուրջ ամիս մը առաջ ստացայ Արամին[civ] կողմէ ղրկուած «Նայիրի»ի 13 Սեպտ[ե]մ[բեր] 1997-ի թիւը, ուր, մեծագոյն հաճոյքով կարդացի «Վերջալոյսի Յոյզեր»ուս նուիրուած Ձեր գրախօսականը:[cv] «Շնորհակալ եմ»ը շատ տկար կը հնչէ ականջիս՝ արտայայտելու համար իմ գնահատական զգացումներս: Անկեղծ գրչով ու սրտաբուխ տողերով գրուած յօդուած մը, որը, կը խորհիմ, բաւական ժամանակ խլած պիտի ըլլայ Ձեզմէ՝ հատորին էջերը հատ-հատ քրքրելու եւ գրութեանց որոշ բարձրակէտերը ընթերցողին ուշադրութեան յանձնելու համար:
Ինչպէս թերեւս նկատած կ’ըլլաք, հատորը տպագրուեցաւ սահմանափակ թիւով, պարզապէս բաժնուելու համար կրթական-մշակութային հաստատութիւններու եւ հայերէն գրականութեամբ տակաւին հետաքրքրուող սակաւաթիւ հոգիներու միջեւ ի սփիւռս աշխարհի:
Ամերիկան, մեր խառնարանը, հակառակ Լոս Անճելըսի շրջանէն հեռարձակուող ցուցարարական մեծ ժխորի[ն], մշակութային չափազանց ողորմելի խորք ունի դժբախտաբար: Ամէ՛ն ինչ նիւթականացած եւ ամէն շարժում յաճախ կապուած է կողմնակցական հաշիւներու, ամէն տող ու գնահատանք՝ խնամիական փոխադարձ նկատումներու, ակնկալութիւններու: Անշնչելի՜ միջավայր:
Ինծի համար, արուարձանի տան իմ առանձնացումէս, մխիթարական է նշել, որ Պէյրութը, որքան կարելի է հեռուէն-հեռու նկատել, իր դանդաղօրէն վերագտած հայեցի նախկին մթնոլորտովը շա՛տ աւելի մօտիկ ու հարազատ է իմ ապրումներուս:
Կրկին շնորհակալութեամբ եւ անկեղծ զգացումներով՝
[ստոր.՝ ՅՅԱսատուրեան]
* * *
15․ Շնորհ Արսլանեան-Պաշեանէն
[Լիբանան,] 6 Հոկտ[եմբեր 19]76[cvi]
Շա՛տ սիրելի քեռայր,
Այսինքն այս նամակը ուղղակի կրնամ ըսել գրական գոհար մըն է: Ինչ գեղեցիկ եւ հարազատ կը հնչէ իւրաքանչիւր նախադասութիւնը եւ խօսքերը:
Սիրելի քեռայր, հաւատա՛ որ չափազանցութիւն չկայ բնաւ. Իսկապէս, Ռազմիկին սէրը քեզի հանդէպ բացառիկ է:
Պէտք է գիտնաս որ շատ մեծցած է, այնքան անուշ է, համակրելի, ընկերային, զուարթ, լաւատես, խանդավառ, ճարպիկ, որ տունին մէջ զինքը ունենալ կը նշանակէ ամբողջ երկրին տխուր վիճակը մոռնալ եւ տարբեր մթնոլորտի մէջ ապրիլ:
Բաւական չարացած են եւ յաճախ կը կռուին, երբեմն համբերութիւնս կը կորսնցնեմ: Թերեւս ակնկալութիւնս սխալ է թէ միշտ պէտք է հանդարտ ըլլան, չափահաս, խօսք հասկցող եւ զիջող:
Գիտե՞ս, քեռա՛յր, այս հեռաւորութիւնը կ’օգնէ կոր որ քեզ աւելի լաւ ճանչնանք եւ գնահատենք: Իսկապէս որ քու տիպարդ, որ մտքիս մէջ այնքան լաւ տեղ գրաւած էր իբրեւ ապագայի Աստուծոյ տալիք կեանքի ընկերիս, աւելի կը խորանայ եւ կը յստականայ:
Յաճախ մեր խօսակցութիւններուն նիւթն ես դուն, դպրոց, գրական աշխատանքներդ, կուսակցական պարտականութիւններդ, ազգային մտահոգութիւններդ:
Կ’ուզեմ ես ալ Ռազմիկին հետ ըսել որ քեզ կը սիրեմ եւ կը ջանամ իմ սէրս արտայայտել քու զաւակներուդ տրամադրելով իմ ժամերս, սիրելով զիրենք եւ քու բացակայութիւնդ կրցածիս չափ իրենց չզգացնելով: Անշուշտ միայն այսքանով չպիտի բաւարարուէիր երբ չըսէի թէ մօքուրին[cvii] ալ օգնելով որ քու բացակայութիւնդ ալ ինքը չզգայ: Ամէն անգամ որ պէտքը կը զգայ արտայայտուելու, խօսելու ինչ որ պիտի ընէր քեզի, արդէն ես մօտն եմ, կը խօսի ու ես սիրով մտիկ կ’ընեմ զինքը եւ կ’ուզեմ զգալ իր[են] հետը: Վստահ որ քու տեղդ չեմ կրնար լեցնել, քու տուած ամբողջական սէրդ իրեն եւ զաւակներուդ, բայց իմս ջանք մըն է:
Քեզի համար միշտ աղօթող եմ որ Աստուած շարունակէ քու պահապանդ ըլլալ եւ Իր ներկայութիւնը քեզի զգացնէ մանաւանդ այս օրերուն որ քու հարազատներէդ հեռու ես եւ անոնց սիրոյն ու գուրգուրանքին կարօտ ես: Թող Աստուած ինքը լեցնէ քեզ Իր սիրովը որը միակն է որ տեւական է եւ անփոփոխ:
Ձեզ սիրող եւ հիացող[cviii] քենիդ՝[cix]
Շնորհ
* * *
[Ա. Մ. Ն.,] 23 Յուլիս [19]81[cx]
Սիրելի քեռայր,
Որքան զիս ուրախացուցիր քու նամակովդ: Իմ փափաքս է որ յաճախ գրես եւ ուրախացնես զիս:
Իմ լուրերս ու նորութիւններս ծնողքիս նամակին մէջ գրած եմ, չեմ ուզեր կրկնել, վստահ եմ որ անպայման առիթ պիտի ունենաս կարդալու:
Անհամբեր եմ մինչեւ յաջորդ ամառ սպասելու որ Դուք ընտանեօք այցելէք զիս[cxi] Միացեալ Նահանգներ: Արդէն հոգեպէս կը պատրատուիմ: Յուսամ հայրս ալ կ’ընկերակցի ձեզի: Որքան հպարտ եմ եւ ուրախ եմ քեզմով, սիրելի քեռայր: Ամէն անգամ որ քեզ կը յիշեմ, հոգիս ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը լեցուի որ իրաւ մեծ եղբայր, քեռայրի դերը կատարած ես իմ կեանքիս մէջ ու ես շատ բաներ կը պարտիմ քեզի: Որքան ուրախ եմ եւ շնորհակալ եմ նաեւ որ ծնողքիս ու եղբայրներուս հանդէպ ալ հասկցող ես ու ազնիւ: Այս ես իսկապէս կը գնահատեմ եւ մանաւանդ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ: Նաեւ շնորհակալ եմ որ աննման մօքուրիս ու իմ հոգիս եղող Տիգրանին ու Ռազմիկին շատ լաւ հոգ կը տանիս, նուիրուած ամուսին ու հայր ես, սիրող ու նուիրուած: Թող Աստուած քեզի առողջութիւն եւ երկար կեանք տայ որպէսզի անուշիկ զաւակներուդ բարի օրերը վայելես:
Քեզ շատ սիրող՝
Շնորհ
* * *
- Աբգար Ափինեանէն
ԱԲԳԱՐ ԱՓԻՆԵԱՆ
ABGAR APINIAN
[Երեւան,] 12 Մարտ [19]98[cxii]
Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան,
Շնորհակալութիւն ջերմ վերաբերմունքիդ համար: Այս օրերին այնքան կարեւոր է, որ կապ ունենանք միմեանց հետ: Ես սիրում եմ քո գործը, մտաւորական գրողի քո պահուածքն անչափ սիրելի է ինձ համար:
Այստեղ՝ Երեւանում արթնացրինք գրական կեանքը: Ոգեւորութիւն կայ, թերութիւններից ազատուելու բուռն փափաք: Եւ մեծ երազ՝ գրականութեան մէջ վեր բարձրանալու: Կ’ուզէի հանդիպել քեզ եւ քո կարծիքն իմանալ շատ հարցերի մասին: Նոր եմ վերադարձել Լոս Անջելեսից, որտեղ հիմնեցի գրական ֆոնտ: Նախագահական ընտրութիւններից[cxiii] յետոյ կը լինեմ Բէյրութում: Տայ Աստուած որ Բէյրութում լինես եւ մենք հանդիպենք: Խօսքդ հաւանեցի եւ կրկնում եմ՝
անձիդ եւ գործիդ համակիր՝
Աբգար Ափինեան[cxiv]
* * *
- Գրիգոր եւ Արփինէ Բէքմեզեաններէն
Սարդարապատ, 18 Դեկտեմբեր [19]70[cxv]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններ,
Շնորհաւոր Ձեր Նոր Տարին: 1971 թուականը նոր բախտաւորութիւն թող բերէ ձեզի:
Գրիգոր եւ Արփինէ Բէքմեզեաններ[cxvi]
* * *
- Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանէն
[Նիւ Եորք, հաւանաբար 5 Հոկտեմբեր 1966[cxvii]][cxviii]
Շատ սիրելի Պէպօ,
Նստած եմ Բերկրուհիին գրասեղանին առջեւ: Սիլվան[cxix] քնացուցած եմ իրենց աշխատասենեակը, որուն երկու պատերը գիրքերով լեցուն են եւ երկու գրասեղան: Շատ պիտի սիրէիր այս սենեակը: Նոյն յարկի[ն] վրայ իրենց ննջասենեակն է: Սիլվային գեղեցիկ մահճակալը իրենց ննջասենեակը զետեղած են: Տոքթորը այդպէս փափաքեր է: Այստեղ հիմա կէսօրէ վերջ 1:30 է, Պէյրութի ժամով՝ 7:30: Դեռ ժամս չեմ փոխեր որպէսզի աւելի լաւ հետեւիմ քու դասացուցակիդ: Հիմա հաւանաբար տունն ես, կը կարդաս, կամ այցելու մը կ’ընդունիս: Ինչպէ՞ս անցուցիր Կիրակին: Ամէն վայրկեան մտածումներուս մէջն ես:
Սիլվային լացը կեցաւ երբ օթոպիւս նստանք օդանաւ երթալու: Շատ լաւ խաղաց, դուրսը դիտեց օդանաւին եւ լաւ ալ ճաշեց: Ինծի համար զբաղում էր հաճելի: Քանի մը անգամ «մամաս» ըսաւ կեցաւ: Հռոմ իջանք 3 ժամ 15 վայրկեանէն, օդակայանը քիչ մը պտըտեցանք. մէկ ժամ ժամանակ ունէինք, մեզ կ’արժէր տեսնել Հռոմի օդակայանը տողանցած ատեն: Օդանաւ երբեք չփոխեցինք մինչեւ New York: Երկու ժամէն ալ Փարիզ հասանք: Կրկին ճաշ տուին 4:00-ին: Սքանչելի սպասարկութիւն է: Ժամ մըն ալ Orly[-ն][cxx] չափեցինք: Դաւիթեանները[cxxi] տունը չէին: Յետոյ ըրինք թռիչքը Ատլանտեանի վրայ 7 ժամ: Շատ յոգնեցուցիչ էր, որովհետեւ Սիլվային քունը եկաւ, սկսաւ լալ մինչեւ [որ] գիրկս քնացաւ եւ նեղ աթոռին վրայ դժուար էր: Ֆիլմ ալ ցոյց տուին ընթրիքէն ետք: Դիտելով քնացաւ: New York հասնելէն կէս ժամ առաջ փոթորիկ կայ ըսին, բայց հանգիստ իջանք վար՝ Աստուծոյ հազար փառք տալով: Կ’անձրեւէր: Մօտ մէկ ժամ տեւեց սպասելնիս: Սիլվան բնաւ նեղութիւն չտուաւ: Երբ որ «տուան»[cxxii] եկանք, վերէն տեսանք Բերկրուհին: Ուրախութիւնս տեղ մը չկար: Սիլվան ալ ուրախացաւ երբ նկարին նայեցաւ ու իրեն եւ նմանութիւն տեսաւ, մայրիկն ալ մեր մայրիկին նմանցուց եւ ձեռք ըրաւ ցատկելով:
Երբ դուրս ելանք, Բերկրուհին գրկեց եւ ինքը գնաց շուտով եւ կրկնել տուինք մամա, պապա, կրցաւ նկարը եւ զիրենք մտքին մէջ նոյնացնել: Պուպրիկներ բերած էին, սկսաւ շուտով խաղալ անոնց հետ, յետոյ ինքնաշարժին մէջ ուրախ կ’երգէր եւ գիտցածը կը կրկնէր: Տուն որ եկանք, ուզեցինք ընտելանալ այնքան ճոխ կահաւորուած տունին: Շատ գեղեցիկ եռայարկ Villa է: Դժուար քնացաւ, լալով, բայց առտու[ն] հանգչած արթնցաւ եւ մաման պապան երջանկացուց իր խելքով, բառերով: Անանկ գեղեցիկ կ’ըսէ մամաս պապաս:
Բերկրուհին եւ տոքթորը սքանչելի մայր ու հայր են արդէն: Տոքթորին նոր դերը շատ կը վայելէ իրեն եւ զիս զարմացնելու աստիճան լաւ կը կատարէ: Բերկրուհիին մասին արդէն կասկած չունէի: Ուրախ եմ որ եկայ եւ տեսայ իրենց երջանկութիւնը աչքերովս: Մեր բոլոր յոգնութիւնները լաւագոյնս վարձատրուած են: Բառերով կարելի չէ բացատրել այն հոգեկան կապը, երանութիւնը որ կը զգան եւ ունին Սիլվային գալով: Վարձքդ կատար, Աստուած քեզ եւս այսպէս երջանկացնէ:[cxxiii] Շատ գեղեցիկ բան է եղեր ծնողք ըլլալը: Մենք կը կարծէինք որ Սիլվան շատ կը սիրենք, բայց միայն տեսնես Բերկրուհին եւ տոքթորը եւ պիտի զգաս որ շատ նուազ է իրենցմէ, ոչ թէ անոր համար որ քիչ կը սիրէինք, այլ պարզապէս մատնանշելու համար իրենց ունեցած անհուն սէրը: Որքան երախտապարտ են քեզի նախ քու սիրոյդ համար Սիլվային հանդէպ, ապա զիս ղրկելուդ համար: Որքան կը յիշեն քեզ եւ անկեղծօրէն կը բաղձային քեզ միասին ունենալ այստեղ: Իմ վրաս ալ կը խենթանան, ինչպէս հիւրասիրելնին կը շուարին: Ինքզինքս իշխանուհիի պէս կը զգամ, քու մօտդ՝ անշուշտ թագուհիի պէս:
Բերկրուհին իր բնական փափկանկատութեամբ կը մտածէ քու մասիդ, քու առանձնութեանդ եւ տխրութեանդ մասին եւ մեր բոլորի ընտանիքի[ն] մասին թէ որքան դժուար պիտի ըլլար բաժանումը Սիլվայէն: Բերկրուհին կ’արժէ տեսնել. բոլորովին այլափոխուած է. կ’ըսէ՝ սիրտս լեցուեցաւ սիրով, ինքզինքս կատարելապէս գոհացած եւ երջանկացած կը զգամ: Վստահ եմ աւելի արդիւնաւոր կեանք մը պիտի ունենայ այս նոր ներշնչումով: Քու մասիդ խօսելով կ’ըսէր որ զինք որպէս ազգային leader կը ճանչնամ, ես եւ ուրիշներ նաեւ նոյնը կը մտածեն ինչպէս Գերսամը,[cxxiv] [որ] օր մը ըսեր է իրեն որ Պէպօն հնչակեաններու տիպար ղեկավարն է, բոլորովին unique:[cxxv] Ըսի իրեն Թոփճեանի[ն][cxxvi] հետ ունեցած ջերմ տեսակցութեանդ մասին, ըսաւ ան ալ Պէպօն ղեկավար անձնաւորութիւն կ’ընդունի, անշուշտ leader՝ առաջնորդող դէմք ըսել կ’ուզէ, ոչ թէ կուսակցական առումով միայն:
Այս խօսակցութիւնը եղաւ այն բանին վրայ որ ես ըսի քու բազմաթիւ զբաղումնրուդ եւ դիրքերուդ մասին եւ թէ ժամանակ չմնար մտաւորական աշխատանքի: Ըսաւ՝ ամառները յետագային կարելի է օգտագործել առանձնանալով լեռները, իսկ ձմեռը կարեւոր է իր գործունէութիւնը ազգին մէջ: Չ’ուզեր որ ձգես այդ բաները: Ասիկա պիտի սիրես անկասկած:
Քեհէեան անունով[cxxvii] մէկը ճանչցանք, վանքէն[cxxviii] քեզ կը ճանչնայ եւ Columbia[cxxix] PhD կ’ընէ ֆրանսական գրականութիւն: Շատ լաւ տպաւորութիւն ձգած ես. կ’ըսէ որ 10 տարուան մէջ շատ լաւ դիրքի հասած ես, կ’ուզէ որ յօդուածդ եւ գիրքդ ղրկես իրեն, Բերկրուհիին ներկայութեան լաւ հիացական խօսեցաւ: Կը բարեւէ քեզի եւ յաջողութիւն կը մաղթէ: Քահանան ալ․․․[cxxx]
[Ազատուհի Սիմոնեան]
* * *
Ուրբաթ, 9 Հոկտ[եմբեր 1966][cxxxi]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ,
Այսօր տակաւին շունչ սկսայ քաշել թէ ինչպէս պատմեմ: Սիլվան, ինչպէս գրած էի Երկուշաբթի օրուան նամակիս մէջ, սքանչելի յարմարեցաւ նոր միջավայրին, տունին, մամային եւ պապային: Ես այսքան արագ չէի ակնկալեր որ յարմարի: Հրաշքի համազօր բան էր եղած: Այդ որքան լաւ տպաւորած ես պզտիկին մտքին մէջ մամայի եւ պապայի գաղափարը, ատոր համար Բերկրուհին եւ տոքթորը երկրէն երկինք քեզմէ շնորհակալ են, եւ գիտես ինչ նշանակութիւն ունի ատիկա իրենց համար: Հօրը շատ լաւ կապուեցաւ Սիլվան. թէ՛ կը քաշուի եւ թէ՛ կը սիրէ, մեծ մայրիկն ալ մօրս տեղը դրած է եւ անոր ինչպէս կը սիրէր եւ հետը կը խաղար, նոյնը կ’ընէ այստեղ մեծ մայրիկին: Տակաւին նոյն անվերապահութեամբ չի մօտենար Բերկրուհիին, զգալով որ ան ինծի հետ մրցակցութեան մէջ է: Երբեմն կը մերժէ զինք՝ տառապեցնելով թէ՛ զիս եւ թէ՛ Բերկրուհին (ասիկա մի՛ ըսեր ոեւէ մէկուն), բայց միշտ այդպէս չէ: Առտու[ն] որ արթննայ, կը ձգէ որ մաման հագուեցնէ եւ նախաճաշ տայ: Ինծի այնքան կապուած չէր այնտեղ, որքան հոս. կարծեմ բոլորին կարօտը ինձմէ կ’առնէ: Քեզ չէ մոռցած, եկա՜յ երբեմն կ’ըսէ եւ կը յիշէ ամմօն: Երբ որ Շնորհիկին նամակը կը գրէի, եկաւ որ ինք ալ գրէ, խորհելով որ ամմոյին է: Ամմօ ըսելով գիծեր կը քաշէր: Չորեքշաբթիէն ի վեր մանկամսուր կ’երթայ, ես պապային հետ կը տանէի երկու օր է, այսօր պապան առանձին տարաւ: Շատ լաւ յարմարեցաւ: Տեսնես ինչպէս ճարտարութեամբ գլուխ կը հանէ այդ խաղալիքները, որոնք իր ճարպիկութիւնը եւ խելացութիւնը ցոյց կու տան: Հեռաձայնով սկսած է խօսիլ արդէն, սկիզբը միայն մտիկ կ’ընէր: Աւելի discipline ունի հիմա քան մեր մօտ: Կէսօրին կը քնանայ առանց լալու եւ խնդիր յարուցանելու: Նաեւ գիշերը: Առտու ժամը 6:00-ին կ’արթննայ. հոս մութ է այդ ժամուն: Սկիզբը ուզեց ելլել եւ ամբողջ տունը արթնցուց լացող ․․․,[cxxxii] հիմա վարժուեցաւ որ նոյնիսկ եթէ արթննայ՝ անկողնին մէջ պիտի մնայ: Այսօր երկու ժամ անկողին[ը] մնաց: Ուրեմն այսպէս, ամէն բանի համար սկիզբը կը յոգնեցնէ, յետոյ կը վարժուի: Ուտելը նաեւ աւելի կանոնաւոր է: Երէկ շուկայ տարինք. մաման ի՜նչ աղուոր բաներ առաւ իրեն: Այսօր ալ մեզ սափրիչի պիտի տանի: Երկու օր է որ կ’ըսէ որ պիպիշ պիտի ընէ, որ յառաջդիմութիւն է:
Բերկրուհին այսօր օր. Գարակէօզեանին[cxxxiii] հեռաձայնեց եւ ըսաւ որ ես այստեղ եմ՝ եթէ կ’ուզէ հանդիպիլ: Ան ալ փափաքեցաւ որ Երեքշաբթի ժողովէն առաջ շատ հայլայֆ[cxxxiv] ճաշարան մը ուր ճաշ կ’առնէ Board-ը,[cxxxv] ես ալ գտնուիմ եւ հանդիպում ունենամ անդամներուն հետ: Անշուշտ լաւ առիթ մըն է այս ինծի համար, Բարսեղեանն ալ[cxxxvi] կը տեսնեմ հոն: Բերկրուհին ըսեր է Բարսեղեանին, որ մեզի հանդիպի Պէյրութ: Ծրագիրներուն մէջ կայ զիս Washington տանիլ եւ Metropolitan Opera – կարծեմ La Traviata-ին: Ուրախ եմ ատոր համար: Կարծեմ կարելի պիտի չըլլայ Երկուշաբթիէն պակաս մնալ, այնպէս որ Շաբաթ-Կիրակի՝ 17-ին հազիւ կրնամ ձգել New Yorkը: Նուհա Սալիպիին[cxxxvii] նամակ կը գրեմ եւ կը բացատրեմ կացութիւնը. վստահ եմ կը հասկնայ:
Դուն ինչպէ՞ս ես, ինչպէ՞ս են գործերդ, դպրոցդ, տրամադրութիւններդ: Կը նեղուի՞ս, կը ձանձրանա՞ս: Ճաշերդ ինչպէ՞ս դասաւորեցիր: Հիմա պատրաստ եմ վերադառնալու հոգեպէս, քանի որ պզտիկը բաւական ձեւի մտաւ: Կ’ուզեմ տուն գալ եւ քեզի միանալ, ասկէ երկար մնալը դժուար պիտի ըլլայ: Համբերութիւնս 5 օրուայ է եղեր, բայց անշուշտ կ’անց[ը]նենք մէկ շաբաթն ալ ձեւով մը: Չըլլայ որ քահանան եղբօրը ըսէ իմ Ամերիկա գալուս մասին. գիտեմ որ կ’այցելէ, Բերկրուհին Հայկազին մօտ այսինքն պիտի գրէ եղբօրը:[cxxxviii] Առաջին նամակներ[ը] գրած եմ Մայրիկին, Շնորհին, Լուսինին,[cxxxix] այսօր ալ՝ միւս քոյրիկներուն:
Ինքզինքիդ լա՛ւ հոգ տար: Քեզի ջերմօրէն կը բարեւեն Մայրիկը, որ քեզ գեղեցիկ փեսայ կը կոչէ, տոքթորը եւ Բերկրուհին, Սիլվան: Պաչիկներ:
[ստոր․՝ խզբզոց մը]
- Simonian
524 Third street
Brooklyn, NY 11215
Mr. Bebo Simonian
- O. B. 4037
Beirut, Lebanon
* * *
[Նիւ Եորք,] Չորեքշաբթի, [14 Հոկտեմբեր 1966][cxl]
Շա՛տ սիրելի ու կարօտալի Պէպօ,
Արդէն այնքան կարօտցեր եմ որ յաճախ արցունքներս չեմ կրնար զսպել երբ առանձին եմ: Շատ դժուար է եղեր բաժանումը: Հիմա կը զգամ, այդ բոլոր գուրգուրանքին ու սիրոյն մէջ որ կը գտնուիմ տակաւին, քու ներկայութիւնդ, սէրդ ու նեցուկդ տարբեր տեղ ունին որ երբեք կարելի չէ ուրիշ ո[ր]եւէ բանի հետ փոխել: Եթէ Տէրը կամի, ասկէ ժամը 7:00-ին պիտի ելլեմ Շաբաթ օրը, ամսուն 17-ն է կարծեմ, Flight No. 2, կրնաս Pan American-էն հասկնալ թէ ե՞րբ կը հասնի: Ինծի ըսին որ Կիրակի ժամը 5:00-ի ատենները հոն կ’ըլլայ: Կրնաք օդակայան ալ հեռաձայնել ճիշդ ժամանակին համար:
Շատ հետաքրքրական օրեր անցուցի վերջին օրերուն: Նախ La Traviata-ն տեսայ. սքանչելի երաժշտութիւն երկնային եւ խաղարկութիւն, Կիրակի-Երկուշաբթի Washington անցուցինք, Ամերիկայի սիրտը, իրենց պետական հին շէնքերն ու յուշարձանները Lincoln-ի, Washington-ի եւ ուրիշներու, այցելեցի Kennedy-ի գերեզմանը Arlington-ի զինուորական գերեզմանատան մէջ: Դուն ինծի հետ էիր մասնաւորաբար այդ պահուն, որովհետեւ գիտէի որ որքան յարգանք ունիս այդ արժէքաւոր մտաւորական նախագահին հանդէպ: Մտանք Սպիտակ Տունը, նաեւ 12 հայկական ձեռագիր Աւետարաններ մանրանկարչական գոհարներով Washington-ի մէկ թանգարանին մէջ, որը բացառիկ երջանկութիւն էր: Ծանօթացայ Սվաճեաններու միջոցաւ արժէքաւոր հայուհիի մը՝ Essefian, տոքթորա պատմութեան մէջ եւ թեզը միջնադարու մեր պատմութիւնը, 300 էջանոց: Մեզի ընկերացաւ եւ բացատրեց տեսարժան վայրերը: 14 լեզու կը հասկնայ, որոնցմէ 5-6-ը շատ ալ լաւ կը խօսի:
Գարակէօզեանի հետ ճաշը ունեցանք չափազանց բարձր մակարդակի ճաշարան մը: Ծանօթացայ Charlie Գարակէօզեանին, ամերիկացի անդամներուն եւ մանաւանդ տոքթ. Բարսեղեանին: Ան նախ ուզեց զիս իրենց տանիլ, յետոյ որ քաղաքէն պիտի բացակայի, տիկինն ալ հիւանդանոց է եւ յաջորդ օրը պիտի ելլէ. կարելի չէր. ուստի չուզելով առիթը կորսնցնել՝ ըսաւ քիչ մը շուկան պտըտէ, ժողովէն ետք կ’ուզեմ հետդ խօսիլ: Ժամը 5:00-ի ատեն կրկին քով-քովի եկանք: Բերկրուհին ժամադրութիւն ունէր, պէտք էր երթար: Բացատրեցի որ դուն որքան յուսախաբ եղար երբ չկրցանք տեսնուիլ Բարսեղեաններուն հետ: Ինծի շատ օգտակար թելադրութիւններ ըրաւ: Կ’ուզէ որ նամակցինք, տեղեակ մնայ մեր կեանքին ու գործունէութեան, կ’ուզէ որ շատ հրատարակեմ, գրեմ եւ այլն: Այնքան բան խօսած է Բերկրուհին մեր մասին որ արդէն գոց գիտէր եւ ծանօթացնելու պէտք չկար, կարծես հին բարեկամներ էինք: Մեզ շատ կը գնահատէ եւ կը գուրգուրայ մեր վրայ եւ կ’ուզէ որ մեր կարողութիւնները լաւագոյնս արժեցնենք: Ինք չափազանց ջերմ, հաղորդական ու ազնիւ անձ մըն է, ըստ Բերկրուհիին՝ «սուրբ»: Ուրախութենէս գիշերը չկրցայ քնանալ: Ա՜խ, ե՞րբ պիտի գամ եւ այս բաները անձամբ պիտի պատմեմ:
Սիլվան նուէրներու մէջ կը լողայ, ազգականներէն այցելուներ կ’ունենայ․ շատ սիրուեցաւ, ու կարծես աւելի գեղեցկացաւ: Աւելի կանոնաւորուեցաւ կեանքը, հիմա դպրոց է:
Համբոյրներով ու կարօտով միշտ՝
[ստոր․՝ Ազատուհի]
- Simonian
524 Third street
Brooklyn, NY 11215
Mr. Bebo Simonian
- O. B. 4037
Beirut, Lebanon
* * *
[Պէյրութ, B. U. C., Orme-Gray Hall, Մայիս 1976][cxli]
Սիրելի Պէպօ, ասիկա գնահատանքի ու շնորհակալութեան գիր մըն է այն զոհողութեան համար որ յանձն առիր, զրկուելով զաւակներու ջերմութենէն ու ընտանեկան ջերմիկ մթնոլորտէն՝ մեզ ղրկեցիր հեռաւոր արեւմուտք:[cxlii] Մթնոլորտի փոփոխութիւնը իր բարերար ազդեցութիւնը սկսաւ ունենալ Տիգրանին վրայ յատկապէս, քանի որ դպրոց սկսաւ գացած օրն իսկ: Թիւով քիչ են եւ աւելի լաւ հոգատարութեան առարկայ: Ռազմական մթնոլորտ չկայ շուրջերնիս, կանաչութիւն, խաղաղութիւն, լրջութիւն:
Երկուշաբթի սկսած են դասերը: Intensive աշակերտ չկայ սակայն ես Freshman-ի անցեալ Semester-ի նիւթս կը շարունակեմ վերաքաղի ձեւով որպէսզի կարենամ քննութիւն տալ։ 10 աշակերտ կայ նախկիններէն: Հաւանաբար կրկին Freshman դաս տրուի: Ինչ ալ ըլլայ կացութիւնը, որոշած են շարունակել դպրոցը. Մարտի կէս ամսականս տուին, մնացեալները պիտի չկարենան տալ այժմ մինչեւ աշակերտներէն գանձելնին, cash դրամ չէ մնացած մօտերնին, պետութեան 1 միլիոնի փոխատուութիւնը դեռ չեն ստացած: Աշակերտները քիչ են շատ, եկողներն ալ կը մերժեն վճարել վախնալով որ չ[ի] շարունակուիր: Մեզի երկու սենեակ տրամադրեցին, թիւ 105 եւ 107 Orme-Gray, մուտքի դուռը փակ է, շէնքի ետեւի դռնէն կը մտնենք կ’ելլենք: Ապահովութեան համար առաջին այն յարկը տեղաւորեցին մեզ, բացօթեայ կանաչին կը նային սենեակները: Խոհանոցի դիւրութիւնն ալ կը գործածենք, լուացք, լոգանք ամէն ինչ:
Words are only little things-
They never say quite clearly
The things we truly want to show
And really feel sincerely.
And so I hope you understand,
At least in some small
way,
The warmth and appreciation
In this note for you today.
Հեռաձայնը կրնանք ստանալ corridor-ի[cxliii] մէջէն, բայց դուրս չենք կրնար հեռաձայնել: Dr. Badre-ն ալ մեր շէնքը կը մնայ եւ անցեալ օր խօսեցայ հետը: Հետաքրքրուեցաւ մեր հանգստութեամբը: Կը հաւատայ որ պիտի շարունակէ հաստատութիւնը գործել թէեւ յառաջիկայ տարուան contrat[cxliv] պիտի չընեն:
[ստորագրութիւնը կը բացակայի (Ազատուհի Սիմոնեան)]
* * *
[Պէյրութ,] 9 Սեպտ[եմբեր] 1976[cxlv]
Սիրելի Պէպօ,
Ժամացոյցը օգնեց որ ինծի նման նշանաւոր մոռացկոտը յիշէ թուականը: Ուրեմն՝ շնորհակալ եմ որ այս նուրբ, ոսկեզօծ, գողտրիկ ժամացոյցը նուիրեցիր ինծի: Երկրորդը՝ քանի որ առաջինը նշանուած օրերու ռոմանթիկ կեանքը խորհրդանշող, իսկ այս մէկը՝ ամուսնական տասնըմէկ տարիներու հետզհետէ խորացող, իմաստաւորուող ընտանեկան սէրը: Սէրը ամուսիններու, որոնք զիրար կը սիրեն մտքով, սրտով, գիտակցական ամբողջ կազմուածքով: Ամուսնութիւն մը ու սէր մը որ նաեւ կը խորհրդանշուի աճումով – առանց որու կարելի չէ պատկերացնել ո[ր]եւէ առողջ յարաբերութիւն եւ կապ: Ուր աճում չկայ՝ այնտեղ սխալ բան մը կայ: Երկուքս ալ կրնանք խոստովանիլ ուրախութեամբ որ ամուսնութիւնը մեզ իսկապէս աճեցուց, հասունցուց ու պատրաստեց կեանքի համար, մեր ասպարէզին համար ու մեր դերին համար կրթական-հասարակական մարզէն ներս: Ներկայի մեր իտէալներէն մին պիտի ըլլայ դաստիարակ ծնողներ, իրական առաջնորդներ ըլլալ մեր զաւակներուն: Զանոնք պատրաստել 21-րդ դարու համար որպէս մարդ, քաղաքացի եւ հայ՝ իրապէս դժուարին պատասխանատուութիւն է, որը սակայն երկուքով պիտի դիմագրաւենք «քաղաքացիական արիութեամբ», չէ՞:
Շնորհակալ եմ հոգածու հայր եւ ամուսին ըլլալուդ համար, մեր նիւթական եւ հոգեկան պէտքերը, կարիքները օրը օրին գոհացնելուդ համար, ընտանիքի լաւ ղեկավար ըլլալուդ համար, մանաւանդ կանոնաւոր հեռաձայններուն համար, որոնք մեզ լաւ հոգեկան վիճակի մէջ կը պահեն: Անհամբեր կը սպասենք տարեդարձին որ գաս:
Սիրելի Պէպօ, նաեւ շնորհակալ եմ քու անսահման սիրոյդ համար որպէս ամուսին, որը զիս դարձուցած է հոգեկան հաւասարակշռութիւնը պահած կին մը բոլոր կիներուն մէջ, որոնք ինչ-ինչ հոգեկան դժուարութիւններու մատնուած են այս օրերուն: Շնորհակալ եմ որ այդ բոլոր սէրը արտայայտող ամուսին մը եղած ես որովհետեւ առանց արտայայտութեան դժուար է ընդունիլ եւ գոհանալ մտքով հասկցուած սիրով մը: 20-րդ դարու հիմնական դժուարութիւնը հաղորդակցութեան դժուարութիւն մըն է, որը մարդը կը մեկուսացնէ իր շրջապատէն, իր նմաններէն: Մեր ամուսնութեան մէջ մենք կրցանք վայելել բարիքները այդ հաղորդականութեան ու այդ պատճառաւ ալ մեծցանք, պատրաստուեցանք: Իմ իտէալս քեզի համար է՝ հրատարակութիւնը ծրագրած ստեղծագործական, գրական-քննադատական եւ կրթական-հասարակական գործերուդ: Professional գրողի ժրաջան եւ discipliné[cxlvi] աշխատանքով:
Նաեւ կը փափաքիմ քեզ տեսնել օտար գրականութեանց եւ մշակոյթներու ուսումնասիրութեան բաղձալի վիճակին եւ սքանչելի իւրացումին մէջ: Նաեւ որպէս լայն ճամբորդող՝ անձամբ ծանօթանալու այդ օտար մշակոյթներուն՝ ապրելով տուեալ երկիրներուն մէջ:
Կ’ուզեմ քեզ տեսնել ազգային կրթական-հասարակական մեր սփիւռքահայ կեանքի ընտրեալ առաջնորդներու շարքին նուիրականացած անուն մը, դէմք մը:
Վերջինը եւ ամենախորունկը՝ որպէս մարդ կատարելագործումդ քրիստոնէական կրօնի պարտադրած ամենանուրբ ու կատարեալ ըմբռնումով:
Գնահատանքով՝
[ստոր․՝ Ազատուհի]
* * *
[Պէյրութ, հաւանաբար 1977][cxlvii]
Սիրելի Պէպօ,
Դասարանին մէջ կը գրեմ գրաւորի պահուն: Ի զուր սպասեցինք հեռաձայնիդ ու ակումբն ալ լուր ձգեցի․ անտարբերութեա՞մբ, գիծերու խանգարմա՞մբ, թէ՞ զբաղ վիճակովդ բացատրենք այս լռութիւնը:
Շնորհն ալ անհամբեր է գիտնալու իր գործին մասին: Պզտիկները քեզ կը հարցնեն, մանաւանդ Ռազմիկը: Չի հասկնար թէ ինչո՛ւ բեմէն հեռացած ես կրկին:
Մենք կը պատրաստուինք շաբաթ գալու: Շնորհը իր պահարանը պիտի փոխադրէ Radio Taxi-ով, մենք ալ հետը պիտի գանք: Ս. Կարապետի մէկտեղումը ընտանեկան շատ կ’ուզէինք որ կրկին վրադ առնես որպէսզի այդ հաշտութիւնը իր վերջնական ձեւը գտնէ: Կ’ակնկալեն կոր որ բոլորս հոն խմբուինք եւ լուր ունենան պատրաստութեան համար: Արուսենք[cxlviii] ալ հոն կը խմբուին: Այս տարի ալ այսպէս թող ըլլայ: Շատ պիտի խնդրէի որ Արամին[cxlix] երթայիր համոզելու համար: Մենք կ’աղօթենք կոր, այս եւս պիտի յաջողի անկասկած: Յակոբն ալ կնունքի ֆիլմը պիտի բերէ ու ցուցադրէ այդ գիշերը: Մօրս եւ Գօգոյին ալ ըսէ որ գիտնան: Բայց անոնցմով չի վերջանար, գիտես:
Յուսամ յօդուածդ մեքենագրուեցաւ: Մարտիրոսը տանն ա թէ դպրոցն ա, կրցա՞ր լուծման մը գալ այդ կապակցութեամբ: Աստուած ուժդ աւելցնէ: Ես նախագահին հետ ժամադրութիւն ունիմ վաղը – յօդուածիս plan-ը եւ իրեն վերաբերող հարցումները տուի – պիտի վերջնական ձեւի բերենք միատեղ: Այսօր Խաչատուրեան Սեդան եւ Գոհարը պիտի այցելեն մեզ[ի]: Եթէ գիծերը բռնեն, ինծի տեղեակ պահէ առած քայլերուդ մասին: Յաջողութիւն կը մաղթեմ այս հասունութեան սեմին ստանձնած հաշտարարի դերիդ մէջ ու իսկապէս Couve de Murville-ի[cl] պաշտօնը պիտի դառնայ քու զօրաւոր կէտերէդ մին մօտիկ ապագային:
Կարօտով, անձկանօք կը սպասենք վերամիաւորումին:
Համբոյրներով՝
[ստոր․՝ Ազատուհի]
Dikran-ը Rebecca անունով ամերիկացի ընկերուհիի մը հանդէպ բացառիկ սէր ու հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ վերջերս ու մէկ հաւասով անգլերէն կը սորվի: Իրմէ զատ անգլերէն գիտցող չկայ եղեր որ աղջկան հետ խօսի: Miss Randal կ’ըսէ որ միշտ քովն է եւ հետը կը խաղայ ու անգլերէն կը խօսի:
Օթօդ ի՞նչ եղաւ, յուսամ շինեցիք:
* * *
[Պէյրութ,] 10 Մարտ 1980[cli]
Սիրելի Պէպօ,
Ուսուցչաց Օրը կը յատկանշուի նաեւ հայր դառնալու բաղդաւոր անկիւնադարձովդ: Տիգրանիկի ծնունդով դարձար ուսուցիչ եւ հայր, դաստիարակ՝ իր ամբողջական իմաստով:
Որպէս դաստիարակ երկու տասնամեակէ աւելի ցուցաբերած ես այնպիսի առաքինութիւններ, որոնք կ’արժէ ընդգծել այս առիթով:
Ստեղծած ես մտաւորական, տնօրէն, դաստիարակ տիպարը որը դարձած է ներշնչման աղբիւր ու մտատիպար այն սերունդներուն, որոնք քու շունչիդ տակ պատրաստուած են: Յակոբ Գասապեանը, համալսարանական, այդպիսիներէն է:
Այսպիսի տիպար էին Լեւոն Շանթը, Ռեթէոս Պէրպէրեանը, Դանիէլ Վարուժանը: Գրագէտ, մտաւորական եւ դաստիարակ:
Որպէս դաստիարակ այն ինչ որ ըրած ես ու կ’ընես ուսանողներու ձիրքերը եւ տաղանդները քաջալերելու տեսակէտէն, անոնց գրական, թարգմանչական փթթող հետաքրքրութիւնները ծաղկեցնելու տեսակէտէն, իսկապէս արժանի է ամէն գնահատութեան:
When it comes to teachers,
you’re one of the best,
and I want to thank you
for all you’ve done for your students
Որպէս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան բարձրագոյն կարգերու ուսուցիչ, ինչ մեծ հրապոյր, գրաւչութիւն կու տաս, կը յառաջացնես դէպի մեր դարաւոր լեզուն ու հարուստ գրականութիւնը: Կը սիրցնես մեր մշակոյթը: Իմ մաղթանքս է որ ․․․[clii]
* * *
[Պէյրութ,] 21 Յունիս 1981[cliii]
Սիրելի Պէպօ,
Հայրութեան բարձր կոչումին արժանանալէդ ասդին, կը զգամ որ հիմնովին փոխուած է ներաշխարհդ, հոգիդ մշտապէս կը խայտայ ի տես հասակդ ի վեր բարձրացող հոգեհատորներուդ: Որպէս բանաստեղծ, յուզական աշխարհիդ բազմերանգ թրթռացումներովը կ’ըմբոշխնես հայրութեան քաղցր ապրումները: Նաեւ կ’արտայայտես այդ հպարտ զգացումներդ, որոնք կը դարձնեն զաւակներդ ինքնավստահ ու ինքնաբաւ, քանի որ ունին գերագոյն աստիճանի հասած քու հայրական սիրտդ, անոր ջերմ ու յուզական տրոփիւնները: Քու սիրոյդ մէջէն կը տեսնեն ու կը զգան Աստուածային սիրոյ խորութիւնը ու մեծութիւնը: Որքան բաղդաւոր են Տիգրանիկն ու Ռազմիկը որ Աստուած շնորհած է իրենց ամենակատարեալ հայրը, ամենաազնիւ, ամենագեղեցիկ ու հպարտ զգացումներով լի հայրը, որուն նմանը դժուար է գտնել բովանդակ աշխարհի մէջ: Կը մաղթեմ որ գալիք տարիները հայրական դերիդ մէկ կարեւոր երեսը եւս զարգացնէ մէջդ՝ առաջնորդի, խորհրդատուի դերդ:
Խոր սիրով եւ գնահատանքով՝
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
For My Husband
On Our Anniversary
[Պէյրութ,] 4 Յուլիս 1981[cliv]
Սիրելի Պէպօ,
Մեր ամուսնութեան 16 տարիները որքան շուտ թաւալեցան ու անցան: Սակայն անցնող իւրաքանչիւր օր մեր կեանքէն, կարելի է ըսել որ անպայմանօրէն իմաստաւորուած էր: Մերթ մեր մտաւորական կեանքի վերելքը յատկանշող, մերթ որպէս առաջնորդ ու քու պարագայիդ յատկապէս՝ ղեկավարը պատրաստող, յաճախ կրթական նորութիւններու հետամուտ մեր խորհրդածութիւններով հարստացած, այլ մանաւանդ քու գրականութեան մէջ արձանագրած վերելքով թեւաւորուած օրեր ու պահեր էին մեր 16 տարիները: Նման խորապէս ապրուած զոյգի մը կեանքին կու գար [աւելնալու] ծնողներ դառնալու երջանկութիւնը, առաւել հարստացումը, գերազանցապէս անկրկնելի ու անհամեմատելի փորձառութիւնը: Ատով իսկ հարստացնելով քու գրչի բերքդ ու մեր երկուքի մտաւորական վաստակը:
Յարաճուն վերելքով, միասնաբար, սիրտ-սրտի, գլուխ-գլխի մեր հոգիի արգասիքը հանդիսացող երկու արեւիկներով:
Առողջ, կայտառ ու նպատակասլաց կեանք կը մաղթեմ:
[ստոր․՝ Ազատուհի]
* * *
[Պէյրութ, հաւանաբար 1980-ականներու ա. կէս][clv]
Սիրելի Պէպօ,
«Կոչումի տէր» հայ ուսուցիչ մը ընտրեցիր ըլլալ մատղաշ տարիքիդ ու ահա քսանամեակ մը հարուստ ուսուցչական փորձառութենէ ետք դարձած ես առաջնորդ մը կրթական, որ կրնայ քաջաբար խարազանել ընկերութեան այն դասակարգը, որ արհամարհանքով կը նայի հայ կոչումնաւոր ուսուցիչին: Խաչատուր Աբովեանի օրինակով կը գտնուիս այնպիսի մակարդակի մը վրայ, ինքնավստահ, արժէքներուդ, համոզուած ու սկզբունքներուդ ամուր կառչած, որ կարող ես յաղթել հայ կեանքին մէջ տակաւին յամառող խաւարամիտները ու մարդոց առջեւ բանալ մեր կրթական
Dear Daddy
Just want to send
A note of thanks
And tell you something, too –
I’ll always be glad
I had the chance
To know
A teacher like you!
Dikran
Razmig
կեանքին ու անոր նուիրեալ մշակներուն հանդէպ խոր յարգանքի ու իսկական գնահատանքի անհրաժեշտութիւնը: Իսկ միւս կողմէ, ուսուցիչներուն համար պատրաստուած յօդուածներու շարքով ու պատկառելի հատորովդ մօտ ատենէն պիտի իրագործես ուսուցչական ու կրթական կեանքի առաջնորդողի դերդ, որ կարելի է նկատել գերագոյն աստիճանը, որուն կը ձգտի ուսուցչական ասպարէզը ընտրած ոեւէ երիտասարդ ուժ: Կը շնորհաւորեմ քեզ Ուսուցչաց Օրուան առիթով որպէս արժանաւոր ուսուցիչ:
Գնահատանքով՝
Կինդ՝ Ազատուհի
* * *
[Պէյրութ,] Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 1987[clvi]
Ճգնաւորի կեանքս վաղը վերջ պիտի գտնէ տղոց բանակումէն վերադառնալովը: Բոլորովին տան մէջ պարփակուած ջանացի հեւ ի հեւ վերջացնել աշխատանքներս գրքին համար: Ուրեմն 15 գրութիւն կիներու, հայրերու, մայրերու, Ապրիլ 24[-ի] եւ այլն, ծերերու, ուսուցիչներու օրուան գրութիւնները եղան, երկու կտորը «Երիտ. Հայուհի»էն[clvii] ընդօրինակեցի եւ միւսները վերականգնեցի ձայներիզներէ կամ կցկտուր նօթերէ: Նոր գրութիւններ ալ կան երիտասարդական բաժնին մէջ, ինչպէս Լիբանանի կրթական կեանքին նուիրուած, երիտ. եւ մշակոյթ, երկսեռ փոխյարաբերութիւններ՝ ընդամէնը 10 գրութիւն եղան: Հետաքրքրական նիւթ էր նահատակութեան գաղափարը եւ արդի կեանքը – ներշնչուած Հռիփսիմեանց նահատակութենէն: Վերականգնեցի «Սահակեան»ի Ուսուցչաց Օրուան խօսքս՝ յաջողութեամբ, խառնիխուռն նօթերէ: Կը մնայ որ նոր խմբագրուածները կամ գրուածները աչքէ անց[ը]նես անյապաղ, որպէսզի վերստին ընդօրինակելով յանձնեմ Սրբազանին իր մեկնումէն առաջ Հոկտեմբեր ամսուն: Յուսամ խճողուած գործերուդ մէջ չես ծուլանար այդ սրբագրութիւնները ընելու եւ չես դժգոհիր: Ամսուան մը արձակուրդէ ետք կ’ակնկալուի գէթ այդքան զոհողութիւն մը քեզմէ:
Երէկ, Կիրակի, Զարթուկենց[clviii] ինքնաշարժով գացի բանակումի վայրը: Տղաքը վախ ունէին որ չէի երթար: Ռազմիկը հարցուց՝ ի՞նչ բերիր: Պիսքուիթով շոքոլաները գաղտնաբար իրենց վրանը փոխադրեցինք քանի որ արգիլուած է դուրսէն ուտելիք բերել: Տղաքը պաշտօնի բարձրացում ունեցան: Տիգրանը անցուցած ըլլալով second class-ի բոլոր քննութիւնները, արժանացաւ յատուկ պատուանշանի մը: Իսկ Ռազմիկը ընդունուեցաւ second class ու պիտի սկսի մասնակցիլ Տիգրանին մակարդակի ժողովներուն․ շատ ուրախ է, քննութիւնները տարուան ընթացքին պիտի անց[ը]նէ: Տիգրանին վրանը երկու առաջիններէն մէկը հանդիսացաւ իր խմբակով, ձեռային աշխատանքներով, կոկիկ ու կազմակերպուած վրանով, նորութիւններով: Ատոր համար շատ ուրախ է եւ հպարտ: Պատուոյ գիր ստացաւ: Նորընծայ երեք սկաուտներ իր խումբէն փողկապ կրելու իրաւունք ստացան: Այդ արարողութեան ինք եւս կու գար ներկայացնելով նորընծաները խմբապետներուն:
Իրենց համար շատ արագ սահած են օրերը եւ չէին ուզէր տուն վերադառնալ: Ընդհանուր տրամադրութեան անկում մը տեղի ունեցած է Արայի սպանութեան[clix] լուրի փոխանցումով: Գէշ ազդուած են տղաքը: Գօգօ Թաթուլեանը[clx] իր խօսքին մէջ յատուկ յիշելով Արան որպէս նահատակ, վայրկեան մը լռութիւն պահել տուաւ ժողովուրդին:
Խարոյկահանդէսի բաժնի վերջաւորութեան Արայի զինեալ տղաքը, ընկերները որ հոն ապաստանած էին, զինարձակում ըրին առ ի յարգանք նահատակ իրենց ընկերոջ: Անտեղի էր, բայց Ներքին Դիւանը նախօրօք այդ հրահանգը ուղարկած է եղեր… Երիտասարդները կատաղած, զայրացած վիճակ ունին եւ կը խօսին վրէժի մասին միայն: Բանակցութիւններ եղած են երկու կուսակցութեանց միջեւ եւ հաղորդագրութիւն մը լոյս տեսաւ զոյգ թերթերուն մէջ:[clxi] Մանրամասնութիւնները չէինք գիտեր, քանի որ մասնակից մը չունէինք Վերին Մարմնէն: Երբ որ գաս՝ կը տեղեկացնեն հարկաւ: Շատ գէշ ցնցուեցաւ մեր ժողովուրդը այս պատահածէն, երբ պատահական փամփուշտով չէ, այլ դիտումնաւոր մարդասպանութիւն էր եղածը: Վերջին հաշուով սակայն ամէն ոք կը մոռնայ ու ընտանիքը կը մնայ առանձին իր վիշտին մէջ. 4 աղջիկներու մէկ հատիկ եղբայրը: Նըրս Մարիամին քրոջ որդին, մեր վերի բնակիչ աղուոր, ծառայասէր Արան, ափսոս իր 24 գարուններուն: Դաշոյնը մխուեցաւ անշուշտ իր տիրոջ՝ Գօգոյին սիրտը ամէնէն աւելի. կ’ըսեն թէ անզուսպ արցունքներու հեղեղ յորդեցուցեր է: Եղիկը գերեզմանատուն[ը] խօսեր է, Գնէլն[clxii] ալ յեղափոխական ելոյթ մը ունեցեր է եկեղեցւոյ մէջ՝ փառք ու գովասանք շռայլելով կուսակցութեան: Բացայայտ կերպով կ’ուզէ իր կորսնցուցածը պահանջելու համար: Ես չկայի: Հաւանաբար կրկին կու գայ:
Եկաւ կրկին ու բոլորս միասին ընտանեօք, Յակոբին հետ համրելով, գումարը եղաւ 34 հազար 200 ոսկի: Անշուշտ մինչ այդ դպած իսկ չէի, թէեւ կ’ուզէի հաշուել բայց ժամանակ չեղաւ: Ըսաւ 300 ոսկի ալ տուր՝ թող ըլլայ 34 հազար հինգ հարիւր եւ կը մնայ 3.000 ոսկի եւս: 37.500 է եղեր գումարը՝ յատուկ զեղչով: Իմ կողմէս ալ 300 տալով ղրկեցի զինք ու պիտի սպասէ քու վերադարձիդ:
Անակնկալ նամակ մը բերաւ Լենա Թաշճեանը[clxiii] «Արարատ»էն: Կոմիտէութենէն հրաւէր մըն է ինծի՝ նախագահի տեղակալ Ս. Բաղդասարեանի[clxiv] կողմէ՝ գրուած 9 Օգոստոսին: Հոկտ. 8-20 հաւաքի մը կը հրաւիրեն նշանաւոր կին գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ հասարակական ու մշակութային գործիչներ: Կը խնդրեն որ շտապ հեռագրով տեղեկացնենք մեր պատասխանը: Երթուդարձը հրաւիրեալներու վրայ ու կեցութիւնը Կոմիտէութեան վրայ:
Ինծի համար պատիւ էր այս նամակը Հայրենիքի կողմէն ուղարկուած, թէ զիս ալ նկատի ունեցած են չեմ գիտեր այդ չորս խումբերէն ո՛ր մէկուն մէջ: Անշուշտ պայմաններս չեն ներեր, թէ՛ Գոլէճի վերաբացման ծանր աշխատանքներու շրջանս է եւ թէ՛ նիւթական մասը եւս ծանրակշիռ է: Յակոբին[clxv] հարցուցի, ըսաւ 15 օրով թիքէթ մը կ’առնուի, գիները ա՛լ աւելի պիտի սղին: Եթէ ձեւով մը ինծի իմացնես թէ պէ՞տք է նամակ գրեմ Կոմիտէութեան թէ պիտի չկարողանամ գալ գործի բերումով եւ թէ կը փափաքիմ նիւթին շուրջ լուրջ ուսումնասիրութիւն մը ղրկել իրենց որ քննարկումի նիւթ դառնայ: Նախապէս կը մեքենագրեն ու կը բաժնեն ուրիշ այլ գրութիւններու կողքին: Այդ մէկը նկատի ունիմ արդէն գրքիս համար: «Կնոջ դերը հայապահպանման գործին մէջ» (սփիւռք):
Արդեօք դուն կը տեղեկացնե՞ս որ պիտի չկրնամ գալ, թէ՞ ե՛ս անպայման գրեմ, այդ ձեւով իմանան:
Եղիկին երիտասարդականը միօրեայ seminar մը կազմակերպեր է 16 Օգոստոսին «Սահակեան»ի շրջափակին մէջ: Մեզի ալ հրաւէր բերաւ անձամբ եւ ըսաւ որ ներկայ ըլլամ:
Անշուշտ պիտի չըլլամ: Իմացայ դուրսէն որ կարճ ելոյթներ նախատեսուած են գոնէ իգական սեռին, Մարօ Գասպարեան, Մաքրուհի Երկանեան,[clxvi] Զարմինէ Կանաչեան,[clxvii] Նազիկ,[clxviii] Մարօ Մարգարեան, երիտասարդներէն ով ելոյթ պիտի ունենայ՝ չեմ գիտեր: Արդեօք Եղիկին խօսեցա՞ն տղաքը որ նման բան կազմակերպեցինք: Ինք ալ նախաձեռնեց, ինչ որ է. աւելի լաւ է որ բան մը ըրեր են ի վերջոյ: Կրնար զիս եւս մասնակից դարձնել, գիտէ որ ըսելիք ունիմ երիտասարդութեան: Հոգ չէ, այս տաքով չ’արժեր աւելորդ յոգնութիւն․․․
Այսօր Հինգշաբթի է: Զարմինէն դասի չեկաւ: Կ’երեւի ելոյթը կը պատրաստէ, սակայն տեղեակ պէտք է պահէր: Հայաստանեան բարքեր:
Յուսամ հանգիստի շրջան մը կը նկատես այս ամիս: Երբ «Սահակեան»ի հարցերով չես տագնապիր՝ ինքնին արձակուրդ է: Մեր կեանքը միօրինակ ձեւով կը թաւալի: Այս շրջանին՝ կանանց վերաբերող գրութիւններուս պիտի սկսիմ: Շարք մը ըլլալու է:
Եթէ նորութիւն մը ըլլայ, յաջորդ շաբաթ կրկին կը գրեմ՝ Կէրկէրեանին[clxix] հետ ղրկելու համար: Առայժմ ցտեսութիւն: Անժելին[clxx] բարեւներ:
Սիրով՝
[ստոր․՝ Ազատուհի]
Զարմինէն Ուրբաթ եկաւ, անհանգիստ է եղեր, իսկ իր ելոյթը երիտասարդականին՝ չէ պատրաստած: 100-ամեակի առթիւ[clxxi] են եղեր ելոյթները բոլոր:
Ան օտարացած է մեզմէ, Տիգրանը չշարունակեց այլեւս:
Իրենք ալ ինծի կը հարցնէին թէ ես ինչ կ’ընէի, ինչ կը զգայի առանց իրենց: Ըսի՝ նախ տաժանակիր աշխատանքը ուղղակի անտանելի էր, ծանր՝ մտային գետնի վրայ անշուշտ, գլխու ցաւ կ’ունենայի զօրաւոր մտային յոգնութենէն: Ֆիզիքական որեւէ շարժում ալ չկար, մարդոց հետ յարաբերութիւն չկար: Իրենց ներկայութիւնը տարբեր աշխուժութիւն մը կը բերէ, կեանքը կ’իմաստաւորէ: Հիմա որ արդէն գրեթէ ամիսը մօտեցաւ քու հեռացումիդ, այս ձեւով կը բնորոշեմ այդ առանձնութիւնը: Իսկական մտքի եւ հոգիի ընկերը կը փնտռեմ, առանց որուն անհետաքրքիր է կեանքը, միօրինակ, միապաղաղ, հակառակ գիրքերու եւ գրելու տրամադրած ժամանակիս: Անոնք երբեք բաւարար չեն մարդկային այս մակարդակի հոգեկցութիւնը փոխարինելու: Տղաքը մասամբ կը գոցեն մարդկային պարապութիւնը որ կը զգայի, սակայն ընկերակցութեան մակարդակը չեն լրացներ ու կը մնան պակասաւոր: Մեր յարաբերութիւնն ալ շատ բազմակողմանիօրէն լեցնող է, հարստացնող ու իրապէս կարիքը չենք զգար ուրիշ մարդկային ընկերութեան: Իսկ վա՜յ անոնց որ մարդոց վրայ կը դնեն իրենց յոյսը հոգեկան բաւարարութիւն ստանալու համար: Անպայման յուսախաբ կ’ըլլան: Իրապէս նման բաժանումներ ունին իրենց շահեկանութիւնը, թէեւ միշտ ալ քեզի կը վիճակուի աւելի բաղդաւոր վիճակի մէջ ըլլալը ճամբորդութեամբ որ ունի իր փոփոխութիւնը, դէմքերու, վայրերու եւ փորձառութիւններու: Միշտ նոյնութիւն ունի եւ միօրինակութիւն:
Գօգօն[clxxii] եկաւ որ նամակը առնէ: Բարի վերադարձ կը մաղթեմ:
Սիրով՝
[ստոր․՝ Ազատուհի]
* * *
- Տիգրան եւ Ռազմիկ Գալայճեաններէն
[Պէյրութ, 10 Մարտ 1975][clxxiii]
Սիրելի պապա, Ռազմիկն ու ես, քու մանչերդ, կու գանք այսօր շնորհաւորելու քեզ որպէս հայ ուսուցիչ եւ կրթական հարուստ փորձառութեամբ բեղմնաւոր նուիրեալ մշակ:
Թող յետագայ կեանքդ առաւել լուսաւոր դառնայ քու հասցուցած սերունդներուդ տուած ճառագայթումովը: Թող քու զաւակներդ՝ Ռազմիկն ու Տիգրանիկը բոցավառեն քու երազներդ ապագայի, ու օժտուելով բարձրագոյն կրթութեամբ, քեզի տան արդար հպարտութեան ու երջանկութեան բազմաթիւ առիթներ:
Քու գործիդ ու վաստակիդ հանդէպ յարգանքով ու ակնածանքով՝
Տիգրանիկ ու Ռազմիկ
Dear Daddy
You were very, very thoughtful
And I wish that I could say
How much appreciation
Comes with this note today!
On teachers’ Day
THANK YOU VERY MUCH
for your services as teacher and educator among our Armenian people and the young generation.
Your boys
Dikran
Razmig
Beirut, March 10, 1975
* * *
[Պէյրութ,] 10 Մարտ 1977[clxxiv]
Սիրելի եւ թանկագին պապա,
«Ուսուցչաց Օրուան» առիթով քու զաւակներդ, Ռազմիկն ու Տիգրանը, կու գանք ողջունել քու ուսուցչական ծառայութեանդ 20 տարիները: Մօտաւորապէս քառորդ դարու նուիրումը հայ ուսանողին ու անոր դաստիարակութեան մէջ քու ունեցած պատկառելի դերդ կը գնահատենք խորապէս: Տուած ես քու հոգեկան ու մտային անհամար ու անհատնում գանձերէդ հայ աշակերտութեան, կազմաւորելով անոնց մէջ նախ մարդը, ապա հայը եւ մտաւորականը: Սիրցուցած ես անոնց հայ մշակոյթը ու անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ բոցավառած ես մշակութային արժէքներու հանդէպ յարգանքն ու ակնածանքը: Հայ գրագէտները մեկնաբանելով խորապէս տպաւորած ես իրենց միտքը անոնց գրական բարձր եւ իւրայատուկ արժանիքներով:
Սիրելի պապա, ոչ միայն որպէս ուսուցիչ այլ նաեւ որպէս տնօրէն քու առաջնորդած հաստատութիւններուդ մէջ եղած ես լոյս ու փարոս: Տուած ես ուղղութիւն մը կրթական որ յատկանշուած է խղճամիտ կրթական չափանիշերով, որակաւոր ուսուցման հետամուտ, միշտ բծախնդիր մօտեցումով, արդարամտութեամբ եւ թէ ուսուցչի եւ նաեւ աշակերտի համար լաւագոյնը տնօրինող հաւասարակշռուած ղեկավարի յատկանիշերով:
Մեր մաղթանքն է որ ուսուցչական պայծառ, քսան տարիներու արդիւնաւոր աշխատանքը հասնի իր լրումին, երբ 25-ամեակը կը տօնենք որպէս տնօրէն Սահակեան-Լեւոն Մկրտրչեան Գոլէճի: Կը հաւատանք որ գալիք հինգ տարիներու
Words are only little things-
They never say quite clearly
The things we truly want to show
And really feel sincerely.
And so I hope you understand,
At least in some small way,
The warmth and appreciation
In this note for you today.
ընթացքին պիտի նետուին հիմերը կրթական բարձր մակարդակի մը, որոնք միշտ գերիվեր պիտի նկատուին թէ՛ ուսուցչական կազմի եւ թէ՛ աշակերտութեան համար ու հետզհետէ հաստատութիւնը պիտի նուաճէ ․․․[clxxv]
* * *
[Պէյրութ,] Յունիս 1977[clxxvi]
Իմ թանկագին պապայիս, ազնիւ մարդուն
You’re such a great daddy,
And you’re SO much fun!
There’s just nothing nicer
Than being YOUR son!
HAPPY FATHER’S DAY
AND LOVE
արուեստագէտ բանաստեղծին՝ երախտագիտութեամբ
* *
[Պէյրութ, հաւանաբար 1970-ականներու վերջ][clxxvii]
Շատ թանկագին պապա,
Յունիս ամիսը նուիրուած է հայրերուն եւ առիթը կու տայ արտայայտելու մեր խոր զգացումները քեզի հանդէպ: Երջանիկ ենք ու բաղդաւոր որ ունինք քեզի նման պատուական հայր մը, լաւագոյնը աշխարհի հայրերուն: Մենք կը վայելենք քեզ ամէն մէկ րոպէ որ մեզի հետ ես: Քու խաղերովդ, քու կատակներովդ ու անհատնում սիրովդ մեր հոգիներուն ու մտքերուն վրայ դրոշմած ես այնպիսի յիշատակներ որ ոչ մէկ բան կարող է ջնջել: Անպայման պիտի յիշենք այն յատուկ զոհողութիւնները որ կ’ընես մեզ ուրախացնելու համար:
Մեր միակ աղօթքն է ու մաղթանքը որ դուն ապրիս խաղաղ ու անվրդով, ապրիս երկար տարիներ որպէսզի մենք քեզ վայելենք նաեւ մեր երիտասարդական տարիներուն, ինչպէս նաեւ դուն մեր աճումը ու յառաջդիմութիւնը տեսնելով ոգեւորուիս, ներշնչուիս ու ստեղծագործես: Կ’ուզենք քու նորանոր հատորներովդ հպարտ զգալ, եւ մեր ցանկութիւնն է քեզ տեսնել եւ ունենալ որպէս բազմավաստակ հեղինակ:
Մենք քեզ կը սիրենք անհունօրէն:
Զաւակներդ՝
[ստոր․՝ DIKRA] Տիգրան, Ռազմիկ [ստոր․՝ խզբզոց մը]
* * *
[Պէյրութ, 1980-ականներու ա. կէս][clxxviii]
Wishing everything good
For you, dad,
Because you do so much…
Because you mean so much.
Happy Father’s day
Սիրէլի Պապա
Գինդէմ ինձ շատ կը սիրէս
Շնորաոր ըլլայ հայրէրու որը:
[ստոր.՝ Տիգրան Գալայճեան]
Սիրելի պապա, շնորհաւոր ըլլայ հայրերու տօնին համար: Դուն շատ աղուոր պապա էս: Քեզի շատ կը սիրեմ:
[ստոր.՝ Ռազմիկ]
* * *
Պէյրութ, 21 Յունիս 1987[clxxix]
Սիրելի Պապա,
Ես եւ Ռազմիկը քեզ կը սիրենք մեր ամբողջ սրտով: Կը նկատենք որ դուն ամէնէն լաւ պապան ես աշխարհի վրայ: Քու մեծ սէրդ մեզի հանդէպ մեզի սնունդ կու տայ ամէն օր: Քու պարկեշտ նկարագիրդ մեզի օրինակ է: Աշխատանքի հանդէպ սէրդ մեզի առաջնորդ է: Մեր ուսման հանդէպ քու հետաքրքրութիւնդ մեզի քաջալերանք է: Կը մնայ որ գիրքերու հանդէպ սէրդ փոխանցուի մեզի:
We wish you all the very best
While Father’s Day is here
And hope that life runs smoothly
For you all through the year
Քեզի շատ սիրող զաւակներդ՝
Տիգրան [ստոր․՝ ՏԳալայճ] եւ Ռազմիկ [ստոր․՝ Ռազմիկ Գալայճեան]
* * *
- Վարդուհի Գալեմտէրեան-Գազանճեանէն
Լոս Անճելոս, 6 Հոկտեմբեր 1993[clxxx]
Յարգելի պրն. Պէպօ,
Ստացայ ձեր ուղարկած երկտողը, ինչպէս նաեւ «Ուսանող»ի 20 օրինակները Թադէոս Ճուլֆայեանի ձեռամբ: Ինչպէս արդէն հօրս հետ խօսելու ժամանակ ըսած էի, անդամական ժողով մը պիտի գումարուի այս ամսու 9-ին, որը 3 օր յետոյ է: Վստահ եմ հայրս որոշ տեղեկութիւն փոխանցեց ձեզի, բայց մի քանի բան ես ալ աւելցնեմ: Ուրեմն պաշտօնապէս արդէն գործի լծուած եմ Սանուց Միութեան մէջ, թէեւ որոշած էի որոշ ժամանակ հասարակական կեանքէ հեռու պահել ինքզինքս, մինչեւ որոշ արդիւնքներու չհասնիմ, բայց «Սահակեան»ի պարագան միշտ ալ բացառութիւն կը կազմէ: Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, նախկին վարչութիւնը գրեթէ անգործ վիճակի մէջ էր, պատճառները բազմազան են, բայց ինչեւէ, կրցայ ժողով մը գումարել եւ յետագայի ընելիքները որոշել: Ես հոս կրցայ կապուիլ եւ գտնել իմ սերդնակիցներս, եւ ուրախալի կողմն այն է, որ բոլորն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու միութեան մէջ: Որոշեցինք նաեւ վարչութեան կազմը նորոգել եւ «թարմացնել» նոր ուժերով: Միայն Ձեզմէ պիտի խնդրէի, որ կարիքաւոր սաներու ցանկ մը ղրկէք, ինչպէս նաեւ Ամերիկա ապրող բոլոր նախկին սահակեանցիներու անունները եւ եթէ կարելի է՝ հասցէները, որպէսզի ամբողջ Ամերիկայով մէկ կապ կարենանք ստեղծել:
Դժբախտաբար տիկ. Աբգարեանին[clxxxi] չտեսայ, նոյնիսկ գալու մասին տեղեակ չեղայ, բայց չեմ կարծեր բան մը պիտի փոխուէր հանդիպում ունենալով: Հոս մարդոց տրամադրութիւնները շատ «տխուր» է։[clxxxii] Կապուած երկրի տնտեսական վիճակի հետ եւ հազիւ նիւթականի մասին խօսուի՝ մարդոց դէմքին արտայայտութիւնը անմիջապէս կը փոխուի, բայց յոյս ունինք որ այս ժողովին կը յաջորդէ պարահանդէս մը եւ կը կարենանք որոշ նիւթական մը գոյացնել: Միայն Դուք Ձեր կարելին ըրէք որ այդ տեղեկութիւնները մեզի հասնին կարելի եղածին չափ շուտ:
Ջերմագին բարեւներս տիկ. Ազատուհիին եւ Ձեր երիտասարդներուն՝ Տիգրանին եւ Ռազմիկին: Յուսամ նոյն ձեւով կը շարունակեն իրենց հասարակական կեանքը:
Յարգանքներով՝
[անընթեռնելի ստոր․][clxxxiii]
* * *
- Գրիգոր Մ. Գեղունիէն
Մեծն Լոս Անճելըս, 6 Յուլիս [19]95[clxxxiv]
Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի յարգարժան տնօրէն Պէպօ Սիմոնեանին,
Սիրելի Պէպօ,
Յուսով եմ, որ պիտի կարողանամ յաղթահարել զգացումներս, որպէսզի ի վիճակի լինեմ պատասխանելու քո այնքան յարգալիր նամակին եւ շնորհակալութիւն յայտնել «Ուսանող» պարբերականի[clxxxv] համար, որը լիովին բաւարարեց իմ՝ Սահակեան-Լ. Մ. Գոլէճի մասին սնուցած յուզաթաթախ հետաքրքրութիւններս:
Պէպօ ջան, մէկ կողմ եմ գցում բոլոր պաշտօնականութիւնը եւ ուզում եմ, որ մեր զրոյցը լինի մտերմիկ, որպէսզի կարողանամ ամբողջական ըմբոշխնել մէկ եւ կէս տասնամեակի՝ մի փոքր ժամանակահատուածի՝ կեանքի քաղցրիկ յուշերը, որոնք անջնջելիօրէն քանդակուել են իմ մէջ:
Նախ՝ ողջո՜յն մեր լա՛ւ, լա՛ւ, լա՛ւ Լիբանանին, բազմագոյն ու բազմացեղ մարդկային համաձուլարան՝ հեռու-հեռաւոր Մեծն Լոս Անճելըսից, որին անվարան կարելի է վերանուանել մերօրեայ… Սոդոմ-Գոմոր: Ողջո՜յն իմ սիրելի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճին (նախկին «Սահակեան»ին), մանկավարժական կազմին, ուսանողութեանը, Խնամակալ Մարմինին, «Ուսանող»ի հովանաւորներ տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Սիրվարդ Հաննէսեաններին ու զաւակաց, հեռուից ու մօտից Սահակեան-Լ.Մ. Գոլէճի բոլոր օժանդակողներին:
Յետոյ, մեր անձնական ծանօթութեան մասին, որ երբեք չի կայացել, որի համար, ցաւօք, երբեք առիթ չի եղել: Այսուամենայնիւ, դա երբեք չի խանգարի: Բայց ես քեզ ճանաչում եմ, ճանաչումս գնալով խորանում է, չէ՞ որ «ծառը պտուղից է յայտնի…»: Շուրջ երկու տասնամեակ դու այդ Գոլէճի գլխին ես կանգնել, եւ ցարդ, Գոլէճի մասին բացասական երեւոյթների մասին ոչինչ ականջիս չի հասել: Ուրեմն, չի՛ եղել, եւ չի հասել: Մեծ գործի մէջ աննշան թերացումներ եթէ եղել են (ինչ որ անխուսափելի է), կշիռ չեն կազմել: Ամէն ինչին իրական կերպով պէտք է մօտենալ:
1969 թ. ես Պէյրութ հիւր էի (Երեւանից) Ժիրայրիս կնքահայր Բիւզանդ Կիլիկեանին ու թրիփոլ[ի]աբնակ աղջկաս՝ Մարիի մօտ: Օրերից մէկում, Երկաթ Կամրջի[clxxxvi] տակից անցնելիս, Բիւզանդի հետ թեւ-թեւի, թէ՝ «Արի՛, մեր Պէպոյին բարեւենք…» Մօտիկացանք մի կրպակ-խանութի, բարեւեցինք մի երիտասարդի ու այդքան:
– Ո՞վ է այդ երիտասարդը, լաւ տպաւորութիւն է թողնում:
– Ասիկա մեր Պէպօն է…
Ու վերջ:
1973 թ.: Դարձեալ Պէյրութում եմ: «Արարատ»ի տպարան մտայ, յաւիտենական ծանրազբաղ Ճամպուլեանին բարեւեցի: Ժ. Նայիրին տեղում չէր: Կէսօրին Օննիկը ինձ ճաշի պահեց: Մեր զրոյցը շօշափեց Ազգ. Սահակեան Վարժարանը: Օննիկը՝
– Գիտե՞ս, մտադրութիւն կայ վարժարանի տնօրէնութեանը թարմացնել: Անակնկալի եկայ:
– Ժամկոչեա՞նը ինչ մտքի է:
– Նա, ի հարկէ, չի համաձայնի. բայց…
– Բայց ինչ, թեկնածու ունէ՞ք:
– Ունենք՝ երկուսը: Մէկը Պէպօն է, միւսը՝… (ես մոռացել եմ):[clxxxvii]
– Պէպօ՞ն… Էն ջահել տղե՞ն (յիշեցի մի քանի տարի առաջ մեր բարեւած երիտասարդին):
– Այո՛, ջահել է: Բայց բանաստեղծ է եղեր: Թէեւ ես ատկէ բան չեմ հասկնար: Կ’ըսեն թէ լաւ գրիչ ունի:
– Չէի առարկի: Դա հոյակապ կը լինէր: Ուշ կամ կանուխ այդ գործը պիտի արուի: Դպրոցում բանաստեղծ տնօրէն, տաղանդաւոր աշակերտների համար՝ մի առաջնորդ Փարոս: Բայց չպէտք է խռովեցնել Բենիամին Ժամկոչեանին.[clxxxviii] ո՛չ միայն նա մեծ վաստակ ունի, այլեւ նա մեծ մանկավարժ է, նա մեր հպարտութիւնն է: Ինչ զոհողութիւն էլ որ անելու լինէք, շատ չէ, արժանի է եւ արդար…
… Ո՞րտեղից է կապը «Սահակեան»ի հետ: Հին հեքիաթ…
1933 թ.: Հազիւ եմ ամրացել մի համեստ աշխատանքում, Պէյրութի առաջին ծանօթս եղաւ Կիրակոս Տօնիկեանը:[clxxxix] Մի օր էլ՝
– Գնանք Սահակեան Վարժարան, ծանօթացիր Բ. Ժամկոչեանի հետ:
Գնացինք, թիթեղածածկ քեմփ, եկեղեցի, դպրոց: Բ. Ժամկոչեանը իր առանձնասենեակում: Հազիւ ծանօթացանք, զանգը հնչեց.
– Ներեցէ՛ք, ես դաս ունիմ,– ասելով թղթերը հաւաքեց ու դուրս եկաւ դասարան գնալու:
Նոյն 1933 թ.: Երեկոյեան ժամը 9-ը: «Տաւրոս» մասնաճիւղի ժողով: Եկեղեցու զանգի ղօղանջներ: Ծիծաղեցինք մի հարբածի անշնորհքութեան: Զանգի ղօղանջները գնալով տագնապալի դարձան: Տղաներից մէկը դուրս եկաւ: Անմիջապէս ներս ընկաւ՝
– Քեմփը վառւում է…[cxc]
Մէկ մարդու պէս, բոլորս դուրս թռանք: Ես Ռուբէն Երկաթի[cxci] հետ էի: Նա «բարձրացաւ երրորդ յարկի» մի խցիկ ու խոշոր-խոշոր կապոցներ վար էր գլորում: Ես խլում էի կապոցները եւ դիտում ճամբեզրի ծովակողմը:
Բառացիօրէն երեք ժամում, քեմփը սեւ մոխրակոյտի վերածուեց…
… Բ. Ժամկոչեանը ինքնիրեն չի կորցրել, իր համախոհ ուսուցիչ-պաշտօնակիցների հետ, 3 օրում գերման բանակի ձիերի նախկին ախոռը կտրատելով դասասենեակների է վերածել ու ուսումնական տարին շարունակել վաղուան մեծ յոյսերով: Չէ՞ որ բոլոր ուսումնական ազգային հաստատութիւնները առաջնորդարանին ու Քաղաքական Ժողովի բարձր հովանաւորութիւնն են վայելում: Հօ այնտեղ նստածները տանձի գլուխ չեն…
… 1935 թ.: Տօնիկեանի գրախանութ-տպարանում եմ: – Չհեռանա՛ս, տեղ պիտի երթանք:
Սահակեան Վարժարանի բակում ենք: Մի քանի հոգի ծառերի ստուերում կանգնած՝ զրուցում են: Բարեւցինք: Տօնիկեանը ինձ ներկայացրեց: Քիչ անց, միջահասակ, կոկիկ հագնուած, պատկառելի մի մարդ եւս եկաւ: Անմիջապէս ներսից աթոռներ բերեցին ու բոլորս տեղաւորուեցինք:
«Կոկիկ» մարդը հոգաբարձութեան ատենապետ պր. Մովսէսեանը ժողովը բացուած յայտարարեց: Ես անմիջապէս ոտքի բարձրացայ դուրս գնալու, Տօնիկեանը թեւիցս քաշեց.– Նստի՛ր, դուն օտար չես…»: Ժողովից մի հոգի հրաժարական էր ուղարկել: Մի քիչ ափսոսացին, բայց եղածը եղած էր: Տօնիկեանը դարձեալ մէջ ընկաւ, թէ՝ «Գրիգոր Գէոզալեանին[cxcii] հրաժարուող հոգաբարձուին փոխարինելու առաջարկութիւն կայ»: – «Լա՛ւ է, լա՛ւ է»,– ասելով քուէարկեցին ու, մինչեւ ես բողոքեմ, պատճառաբանեմ, հարցը վերջացած համարեցին ու անցան այլ օրակարգի մասին խօսելու: Օրակարգում եղել էր դաշնակցական մի ուսուցչի՝ պր. Խրիմեանի հետեւեալ պարտքը, որը գոյացել էր դպրոցի հրկիզման հետ կապուած դժուարութիւններից: Տուեալ հարցը չբաւարարուեց: Այդ մասին մի փոքր լուսաբանութիւն խնդրեցի: Ատենապետ Մովսէսեանը ինձ բաւարարեց ու հարցը փակեց: Բայց պր. Խրիմեանը չի դադարել իր պահանջքը յիշեցնելուց:
Երրորդ թէ չորրոդ ժողովին պր. Մովսէսեանի հրաժարականը բերեցին: Ժողովը բոլորովին անակնկալի եկաւ: Ոնց որ թուխ ամպեր չոքած լինեն ժողովականների վրայ, ընդհանուր շփոթութիւն: Տօնիկեանը նորից ոտքի ելաւ, կանգնեց, ու
– Ընկերնե՛ր, պարոննե՛ր,– ասաց, մի փոքր հազաց,– ես կ’առաջարկեմ պր. Գէոզալեանին ատենապետի պաշտօնին: Մեր մէջ ամէնէն յարմարն է: –
Նա նստեց: Սա երկրորդ անակնկալն էր: Գրիգոր Հաճընլեանը[cxciii] եւ Տօնոյեանը իրար աչքի նայեցին, ապա Տօնիկեանին․ իրար հասկացա՞ն թէ չէ, չգիտեմ, բայց Հաճընլեանը՝ «լա՛ւ է, շատ ալ լաւ է: Յովսէ՛փ»,– խօսքը ատենադպրին ուղղելով,– «անմիջապէս քուէարկութեան դի՛ր»: Այդ միջոցին ես ոտքի կանգնեցի ու՝ «պարոննե՛ր», ասացի,– «ես նոր մարդ եմ, անծանօթ, անփորձ, ես բան չեմ գիտեր հոգաբարձական գործերէն, ես չեմ կրնար…»։ Տօնիկեանը այս անգամ պինդ բռնեց թեւիցս, «Մենք ալ չենք գիտեր, մենք ալ կը սորվինք, դուն ալ մեզի պէս կը սորվիս…»: Իսկ միւս կողմից Հաճընլեանը, իր հսկայ հասակով ու յաղթ բազուկներով, կանգնեց. «Շատ մի՛ թփրտար, պր. Գէոզալեան, հիմա պարան մը բերել կու տամ ու քեզ այդ աթոռին կը կապեմ: Մի՛ վախնար, քեզ ազատող չ’ըլլար…»:
Մի քահ-քահ էր փրթաւ: Ես ամաչեցի ու տեղս նստեցի…
Եւ այսպէս, ես… հոգաբարձութեան ատենապետ… «օծուեցի», հրկիզուած դպրոցի բազմատանջ հոգաբարձութեան անփորձ ատենապետը…
Ուրեմն պէտք էր գիտակցէի ո՛ւր եմ ու ի՛նչ պարտաւորութիւնների տակ:
Յաջորդ ժողովին ատենադպիրն էլ իր հրաժարականն էր ուղարկել: Ես առաջարկեցի ատենադպրի պաշտօնին Գրիգոր Հաճընլեանին (ինձ «սպառնացողին», որի մէջ նկատել էի շատ լաւ յատկութիւններ, թէեւ կիսագրագէտ): Ես նախընտրեցի նրա կիսագրագիտութիւնը փոխանակ մի այլ օտարի: Ես նախընտրեցի միաժամանակ նրա գործերը կատարել:
… Պարտապահանջ պր. Խրիմեանը իմանալուց որ հոգաբարձական փոփոխութիւն է կատարուել եւ կարծելով, որ մի Մորգա՞ն, թէ՞ Կրեսոս է եկել կանգնել հոգաբարձութեան գլուխը, Էշրեֆիէի տանս դուռը բախեց: Ես նրան սիրով ընդունեցի, հիւրասիրեցի, բացատրեցի, թէ մենք հնարաւորութիւն չունենք, մենք մեր գործող ուսուցիչներին կարգին չենք կարողանում վճարել, վարժարանը առաջնորդարանին է պատկանում, նա պարտաւոր է ձեզ (նմանները կային) մի կերպ բաւարարելու:
Նա հասկացաւ ու գնաց: Մի քանի օր անց՝ նորից եկաւ, կաղալով-կաղալով: Ես նորից նրան ընդունեցի: Այս անգամ նրան մի փոքր հաշուետուութիւն արեցի: Նա հասկացաւ ինձ: – Հապա ի՞նչ ընեմ, պր. Գէոզալեան: – Նորից գնա՛, – ասացի,– նրանց պատմիր ինչ ես քեզ բացատրեցի: Խեղճը ձեռնափայտը տնկելով-տնկելով՝ գնաց:
Գնաց խեղճ մարդը: Որ երրորդ անգամ չեկա՞ւ ինձ մօտ, ալ ես խիստ բորբոքուեցի: – Գնա՛, ասել են, մենք այդ վարժարանին ոչ մի բանով պարտաւոր չենք: Այդ հնչակեան դպրոց է…
– Նստի՛ր, պր. Խրիմեան, նստի՛ր:
Մի թուղթ վերցրի ու գրեցի ազգային առաջնորդարան, Կարոյեան Սրբազանին[cxciv] ուղղուած, հետեւեալ բովանդակութեամբ.
«Սրբազան հայր,
Մեր տեղեկագրերից ու զեկուցագրերից Ձերդ Սրբազնութեան քաջ յայտնի է մեր նիւթական իրավիճակը: Եւ Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ այդ խեղճ ուսուցչի՝ Խրիմեանի՝ պահանջքն ինչ պայմանների տակ է գոյացեր: Մենք մեր աշխատող ուսուցիչներուն անգամ կը դժուարանանք վճարել: Դուք պր. Խրիմեանի պահանջքը բաւարարելով մեզ կ’օգնէք: Եթէ մենք Ձեր հովանաւորութեան տակ ենք, ապա մեր լաւն ալ ձերն է, վատն ալ: Եթէ չէք բաւարարում պր. Խրիմեանին, ուրեմն Հոգաբարձութեանս մերժած կ’ըլլաք: Միթէ՞ մենք Ձեր խորթ զաւակն ենք: Ձեր ընթացքը այդ կ’ապացուցէ:
Եթէ այդ իրօ՛ք այդպէս է, այսինքն Հոգաբարձութիւնը Ձեր ու Քաղաքական Ժողովին խորթ զաւակն է, խորթ զաւակն ալ Ձեր հովանաւորութեանը պէտքը չունի եւ ոչ ալ այն կը ճանչնայ»:
… Կռիւը՝ կռիւ: Աշխատողը աշխատավարձ կ’ուզի: Պէտք էր նոր գործելաձեւ որդեգրել: Տօնիկեանի հետ մտածեցինք Հոգաբարձութիւնը համալրել նոր անդամներով: Հաճընլեանը համակարծիք գտնուեց: Հրաւիրեցինք մեր թաղի երկու գործատէրերի՝ պր. Տիգրան Զաւզաւաթճեանին ու Պօղոս Նաճարեանին:[cxcv] Հոգաբարձութեան անդամների թիւը 9-ի բարձրացրինք: Լիագումար ժողովին առաջարկեցի դիւանի փոփոխութիւն: Առաջարկեցի նոր դիւան. ատենապետ՝ պր. Տ. Զաւզաւաթճեան, գանձապահ՝ պր. Պօղ[ոս] Նաճարեան, ատենադպրութիւնը ինձ վերապահեցի ու քուէարկութեան դրեցի: Նոր շունչ ներարկուեց Հոգաբարձութեանը: Մեր գործը սկսեց գնալ հեզասահ: Ես այլեւս ատենապետի կաշկանդուածութիւնից ազատուել էի, կարող էի վազել ամէն գործի հետեւից: Համեստութեան դաւաճանած չլինեմ ասելու, թէ աշխատանքի առիւծի բաժինը ես էի տանում մինչ [1]942 թ.:
Եւ այսպէս, ո՛չ միայն ինքնաբաւ դարձանք, այլեւ վարժարանի ուսուցման մակարդակը հնարաւոր եղաւ բարձրացնել:
… 1942 թ. թէ 1943, լաւ չեմ յիշում: Ես Հոգաբարձութիւնից հրաժարուեցի ընտանեկան եւ այլ պատճառներով: Պատկերացրէք, աղջիկս՝ Մարին մահամերձ վիճակում գերմանական հիւանդանոցում, ես աղջկաս սնարի մօտը չեմ, մենք Սէն Ժորժի[cxcvi] հիւրասրահներում պարահանդէս ենք տալիս…: Մեծ յոգնութիւն զգացի: Լաւագոյնը համարեցի գործը ուրիշին յանձնել քան թէ կաղնէկաղ գնալ: Բ. Ժամկոչեանը թթուեց: Չուզեցի սիրտ կոտրել: – Հաշտուե՛նք,– ասացի: – Ինչպէ՞ս…,– անմիջապէս հարց տուեց: – Այցելու ուսուցիչ կգամ, եթէ յարմար կնկատէք՝ միւս համալսարանական ուսանող ուսուցիչների պայմանով, եւ ոչ աւելին: Եւ ամէն ամիս 10 լիրա կզեղչես եւ կանցընես անվճար աշակերտներու հաշուին: Համաձա՞յն ես, պր. Ժամկոչեան (աշխատաժամերին մենք «ընկեր» չէինք, այլ՝ պարոն…): – Տո՛ւր ձեռքդ, պր. Գեղունի, դուն ուրիշ մարդ ես: – Գո՞հ ես…: – Ա՛լ չխօսինք: Ցտեսութիւն…
Սիրելի Պէպօ, ես Պէյրութում «երեք տուն» ունէի. մէկը Էշրեֆիէ՝ բնակարանս, երկրորդը՝ աշխատավայրս՝ հեռախօսային կայանը, եւ երրորդը՝ Սահակեան Վարժարանը…: Դենը՝ աշխարհ չկար…
… Այժմ մի քանի տող «Ուսանող»ի մասին:
Պէպօ՛ ջան, երբ լսում էի, թէ մարդիկ ծերանալով երեխայանում են՝ չէի հաւատում: Այժմ, ցաւ ի սիրտ, անձամբ եմ հաստատում ասացուածքը: Կարդում էի «Ուսանող»[ը], դէմքս ծռմռւում էր, ուրախութիւնից աչքերս լցւում էին, իբր թէ քրտնում եմ՝ ճակատս (իմա աչքերս) սրբում էի, որպէսզի թաշկինակիս հետեւ թաքնուեմ… (այսինքն գրելիս էլ այդպիսին եմ այժմ): Ափսոսում եմ, որ այժմ ձեզ մօտ չեմ, ես եւս ձեր բոլորի հետ խազխզելով 60 տարով կերիտասարդանայի…
Գիտէ՞ք ինչքա՜ն ուրախացայ Ռուբէն Սեւակի անուան մատենադարանի ստեղծման համար:[cxcvii] Դրա ապագան մեծ է: Նա շրջանի մշակութային կեանքի կեդրոնը կը դառնայ…
«Ուսանող»ի առաջին էջին պառկել են իրենց վեհանձն մեկենասի եւ հովանաւորողի ճառագայթող հասակով տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Սիրվարդ Հաննէսեաններ եւ զաւակունք: Ես կարծում էի, որ Կարապետը՝ ամերիկահայ Յովհաննէսի եղբայրը (ծանօթացիր եթէ անծանօթ ես) հումորով յօդուածներ միայն գրել գիտի: Երեւում է, որ Հաննէսեանների հոգին շատ խորն է: Լա՛ւ է, օգուտը մերն է: Ես շատ շնորհակալ եմ: Կարեւորը վերաբերմունքն է: Դա օրինակ է եւ յուշախթան: Նման ընտանիքների առկայութեամբ է միայն որ «Սահակեան»ի հիմքերը առաւել եւս կ’ամրանան:
Գեղեցիկ էր տիկին Մաքրուհի Խաչատուրեանին[cxcviii] ելոյթը 70-ամեակի առթիւ:
Շատ սիրեցի պր. Ալպեր Գրգեաշարեանի բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած Սահակեան Վարժարանին:
Կարճ կապեմ, սիրելի Պէպօ, առանց այդ էլ անսահման ձանձրացրեցի: Այս բոլորը նրա համար, որ ասեմ թէ ի՞նչն էր ինձ շղթայել Սահակեան Վարժարանին, սահակեանցիներին ու Սահակեան-Լ. Մկրտ[ի]չեան Գոլէճին՝ որի տնօրէնով, ուսանողութեամբ, Խնամակալ Մարմինով (թէեւ շատերը ինձ անծանօթ) եւ շրջապատով հպարտանում եմ: Այս բոլորը ինձ համար կեանքի աւիշ են հանդիսանում:
Մեծ առաքելութիւն ունես, Պէպօ ջան: Թող ճակտիդ դրոշմած համբոյրս քեզ յաջողութեան ցանկութեան առարկայացումը հանդիսանայ առաքելութիւնդ ի կատար ածելու գործում: Գիտեմ, նեղ ու լայն օրեր շատ ես ունեցել (աւելի՛ նեղ քան լայն), էլի՛ պիտի ունենաս: Դրա համար ես քեզ քաջառողջութիւն եմ ցանկանում, ոյժ ու յարատեւելու կամք ու աննկուն ոգի: Ամենաշատ[cxcix] երեւոյթները դիմակալես սառնասրտութեամբ, համբերատարութեամբ եւ ոչ մի յուսահատութիւն: Անցողական հիասթափութիւններ շատ կհանդիպեն: Ամենամեծ դեղամիջոցը համբերատարութիւնն է:
Բարձրացրո՛ւ, որ բարձրանաս:
Երջանկացրո՛ւ, որ երջանկանաս…
Ողջ եղէք:
Կարօտի համբոյրներով՝
[ստոր․՝ Գ. Մ. Գեղունի]
Յ.Գ.–
Թոռս՝ Էլիզ Փանոսեանը, Փարամազի սանուհին, Մար Մխայէլում[cc] է, ընտանիքով, Կիլիկեանների խանութ-արհեստանոցի հետեւում: Համալսարանական զաւակներ ունի ․․․․․․․[cci]: Մեր միջեւ կարող են կամուրջ հանդիսանալ:
[ստոր.՝ խզբզոց մը]
* * *
[Վեն Նայս, Ա. Մ. Ն., անթուական][ccii]
Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Գրիգոր Գեղունի[ի] նամակին ա՛յն էջը որ Ձեր մասին [է] եւ հետաքրքրութեան տեղի կու տայ:
[ստոր.՝ Տօնիկեան][cciii]
Ուրեմն առաւելաբար քո վրայ եմ թեքուելու: Լուսահոգի Բ. Ժամկոչեանի ոճով սկսեմ:
1.– Ինձ թւում է շարունակում ես մօտիկ կանգնել Սահակեան Լիցէին (թէ՞ Գոլէճ): Ի՞նչպէս է զգում իրեն մեր Պէպօ Սիմոնեանը: Դժբախտաբար, մօտիկից ծանօթութիւն չունեմ: Բայց դա չի խանգարում, որ նա ինձ մօտ առանձնայատուկ տեղ ունի:[cciv] Քանի նա ղեկավարում է մեր մշակութային դարբնոցը, եւ ինձ թւում է՝ ձեռնհասօրէն, նա մեր խոշոր մարդկանցից մէկը պէտք է լինի: Չգիտեմ ինչու, մեծ վստահութիւն է նա ինձ ներշնչում: Լիցէում ինչ-որ գրադարանի թէ մատենադարանի մասին էի կարդացել, անզուսպ հրճուանք զգացի եւ անմիջապէս առիթից օգտուեցի, ցանկացայ ես եւս, իմ՝ այրի կնոջ լումայով (50 տոլարի աննշան գումարով, մեր Էլիզի միջոցաւ) մասնակցել այդ չքնաղ գաղափարին: Եթէ յիշեմ՝ Ժամկոչեանի անունով էր կոչուելու:
2.– Ձեր գրախանութում[ccv] հանդիպում էի Ակինեան անունով մի նիհարուկ ընկերոջ, որը գորգի գործից հասկացող էր: Արդեօ՞ք Տիրան Ակինեանը կապ ունի՞ իմ ծանօթիս հետ:
3.– Երեւանի հնչակեանների լիտերի՝ Եղիա Նաճարեանի[ccvi] մասին մի բան գիտե՞ս, ո՞վ է: Ի՞նչ մարդ է:
4.– Բիւզանդի (մահացած) ընտանիքի մասին: Կուսակցական ինձ ծանօթ ընկերների մասին, եւ այլն:
Ներող եղիր, Փարամազ ջան, գուցէ պահանջքս շատ եղան:
Համբուրում եմ, մեծ կարօտով, բոլորիդ, բոլորիդ, բոլորիդ:
[ստոր.՝ Գ. Գեղունի]
Յ.Գ.
Քիչ էր որ մոռնայի «Արարատ»ի եւ Ժ. Նայիրիի մասին: Սրտաբուխ բարեւներս, յաջողութեան մաղթանքներ: Հայրդ[ccvii] շատ լաւ մարդ էր:
[ստոր.՝ խզբզոց մը]
Mr. GRIGOR M. KEGHOUNI
7956 Greenbush Ave.
Van Nuys, Ca. 91402
- S. A.
* * *
- Հ. Գարագաշեանէն
Սոֆիա, 27 Փետրուար 1986[ccviii]
Սիրելի ընկ. Սիմոնեան,
Սիրելի պրն. Պէպօ, միշտ կ’ուզէի Ձեր մասին տեղեկութիւն ստանալ, բայց ինչպէ՞ս: Որոշ ժամանակ առաջ այս նոյն հասցէով նամակ մը ուղարկեցի Ձեզի յաւելուածով մը – կտրտուկներ (իմ՝ Հայաստանի մասին յօդուածը): Չեմ գիտեր թէ արդեօք նամակս Ձեր ձեռքը անցա՞ւ, քանի որ հոն երկրի վիճակը խառն ու անորոշ է: Աւելի կարեւորը այն է որ երբ հոս էիք կարճ ժամանակ, միասին էինք, Ձեր համեստութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը զիս գրաւեց[ին], եւ քանի որ այնչափ ժամանակ Ձեզմէ ոչ մի լուր չունէի՝ շատ մտահոգուած էի Ձեր եւ Ձեր ընտանիքի մասին:
Չէք կրնար երեւակայել որքան ուրախացայ երբ «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի[ն] մէջ կարդացի Ձեր նոր գրքի մասին.[ccix] եւ տպուած ըլլալով Պէյրութի մէջ, ես հաճոյքով այն եզրակացութեան եկայ որ Դուք ողջ առողջ էք եւ կ’ապրիք Պէյրութի մէջ: Առիթէն օգտուելով որոշեցի այս երկտողը գրել, յոյսով որ շուտով պատասխան կ’առնեմ Ձեզմէ:
Ինչ լաւ է որ Դուք կրնաք կոր բացի իբրեւ ուսուցիչ, մեր ազգին օգտակար ըլլալու եւ Ձեր հետաքրքիր, ազգօգուտ գրքերով:
Մենք ընտանեօք լաւ ենք, տղաքներս համալսարան աւարտեցին 1984-ին. մեծ տղաս՝ Էտուարտը հնագիտութիւն, իսկ փոքր տղաս՝ Ալեքսանդրը կենսաբանութիւն՝ գերազանց տիբլոմով: Հիմա երկուքն ալ իրենց զինուորական պարտականութիւնը կը կատարեն Սոֆիայէն բաւական հեռու փոքր քաղաքի մը մէջ: Երբ ազատուին, պէտք է գործի սկսին եւ եթէ Աստուած կամենայ՝ առաջիկային ամուսնութեան հարցն ալ մէջտեղ պիտի ելլայ: Այդ մասին ես շատ մտահոգուած եմ: Հոս խառն ամուսնութիւնները իրենց գագաթնակէտը հասած են, իսկ ես շատ կ’ուզէի որ հայուհիի [հետ] ամուսնանան, բայց ի՞նչ կրնամ ընել: Ինչ կախեալ էր ինձմէ՝ ես ըրի. պզտիկ տղայիս զինուոր չգացած սորվեցուցի հայերէն գրել ու կարդալ եւ հիմա ինծի համար մեծ հաճոյք է որ իրենց հետ հայերէնով կը թղթակցիմ (մեծ տղաս առաջուընէ գիտէր): Պուլկարիոյ մէջ անցած տարի հետաքրքիր իրադարձութիւն մը եղաւ հայերուս համար, ան է որ բանաստեղծուհի Սեւտա Սեւանի[ccx] ամուսինը Վ. Սթամաթովի[ccxi] գրչի տակէն ելաւ 150 էջնոց գիրք մը որ վերնագրուած էր «Մակոյկով Դէպի Արարատ» (պուլկարերէնով): Շաբաթ մը առաջ այդ գրքի քննարկումը եղաւ Հայ Ակումբի մէջ: Մեծարանքի խօսքեր ըսուեցան հեղինակի[ն] համար եւ բարձր գնահատում տրուեցաւ գրքի բովանդակութեան մասին: Ես եւ իմ տիկինս՝ Վեսելան որ պուլկարուհի է (ափսոս որ Սոֆիայէն բացակայ էր երբ Դուք հոս էիք եւ այդ էր պատճառը որ չկրցանք մեր համեստ բնակարանի[ն] մէջ միասին քեֆ մը ընել) արտայայտուեցանք: Կնոջս արտայայտութիւնը տպուեցաւ մեր «Երեւան» թերթի[ն][ccxii] մէջ:
Խնդրեմ գրեցէ՛ք Ձեր մասին, Ձեր ընտանիքի անդամներ[ու] մասին, քայքայուած հայ գաղութի մասին:
Դուք Հայաստան երթալու կամ հոս գալու մտադի՞ր էք արդեօք, մեր թերթի մասին գաղափար ունի՞ք եւ ի՞նչ է նա: Իմ կարծիքով, հակառակ որ նիւթերուն կէսը այլեւս պուլկարերէնով է, շնորհիւ Կ. Հայրապետեանի[ccxiii] ջանքերուն՝ մակարդակը բարձրացած է:
Նամակս վերջացնելով, ընդունեցէ՛ք իմ կարօտալի բարեւները եւ յարգանքները Ձեր բոլորին:
Հ. Գարագաշեան
* * *
- Սարօ Գէոդակեանէն
[Երեւան,] 10 Յուլիս [19]91[ccxiv]
Յարգելի պարոն Պէպօ Սիմոնեան,
Իմ հեռաւոր բարեկամ, անչափ ուրախացայ, երբ ստացայ Ձեր ուղարկած նամակ-պատասխանը: Անկեղծ ասած, յոյսս կտրել էի, թէ իմ ուղարկած ծրարը տեղ էին հասցրել: Ուրախացայ եւ յուզուեցի: Պէյրութից անդրանիկ նամակն էի ստանում:
Հալէպից իմ բարեկամ Թորոս Թորանեանից բազմիցս նամակներ ստացել եմ, իսկ Պէյրութից՝ ոչ: Ինչեւէ: Շնորհակալ եմ եւ զգացուած: Որպէս մեծ Ախպեր (ի դէպ, ես ծնունդով գիւմրեցի եմ, հումորի մայրաքաղաքից…), կ’ուզենայի մեր ախպերութեան զուլալ կապը չկտրուէր: Եւ որպէս առհաւատչեան դրա՝ Ձեզ եմ ուղարկում իմ հարցերը, որպէսզի Դուք գրաւոր պատասխանէք եւ հնարաւորին դէպքում ինձ հասցնէք՝ Երեւան:
«Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթում որոշել եմ տպագրել մեր հարցազրոյցը: Յուսով եմ, չէք մերժի խնդրանքս:
Սիրելի եղբայր Պէպօ (որպէս ախպեր, թոյլ եմ տալիս ինձ այդպէս դիմելու Ձեզ, կը ներէք…), Ձեր գիրքը կարդացի ամբողջ գիշեր եւ ուրախութիւնս կրկնապատկուեց, որ դարձեալ յայտնաբերեցի մի նոր Պէպօ Սիմոնեան: Աստուած զօրութիւն տայ Ձեր զօրաւոր գրչին: Շնորհակալութիւն, որ Սրտամատեանդ նուիրել էք ինձ: Գրքից մի քանի բանաստեղծութիւն նկարով հանդերձ որոշել եմ տպագրել «Կանչում»:[ccxv] Երբ տպագրուեն, այդ լրագրից մի քանի օրինակ, անշուշտ, կ’ուղարկեմ Ձեզ:
Եղբա՛յր Պէպօ, իմ հեռաւո՛ր բարեկամ, գրէք իմանամ, ե՞րբ էք գալու Ձեր տուն՝ Հայաստան, ե՞րբ բախտ կը վիճակուի նորէն տեսնուելու Մայր Հողի վրայ: Չմոռանամ ասել, որ Արցախին նուիրուած Ձեր ստեղծագործութիւնը անչափ յուզիչ էր եւ տպաւորիչ: Խնդրում եմ, պատասխան նամակով ուղարկէք նաեւ Ձեր վերջին լուսանկարը: Իսկ յաջորդը, յուսով եմ, որ Երեւանում միասին կը լուսանկարուենք:
Իմ մասին մի փոքր մանրամասնութիւն – գիւմրեցի եմ ծնունդով: Կինս՝ Սոնան, երեւանցի է, նախնիները՝ մշեցի: Ունեմ 2 դուստր՝ Տաթեւիկ եւ Լուսինէ: Ցաւս՝ համազգային է. Արցախ եւ երկրաշարժ: Վիշտս՝ երկրաշարժին զոհ գնացած 13 հարազատներս, գումարած մեր ազգային պայքարի ճանապարհին զոհուած հայորդիներ: Յունիսի 14-ին լրացաւ 40 տարիս: Գրում եմ, ստեղծագործում: Աւելի շատ ժամանակ եմ տրամադրում թղթակցութիւններին, քան բանաստեղծութիւններին: Զգում եմ, որ ժուրնալիստը (լրագրողը) կամաց-կամաց իմ մէջ յաղթում է բանաստեղծին… Ի՞նչ արած, կեցութիւնն է որոշում գիտակցութիւնը…
Իմ սիրելի եղբայր Պէպօ, իմ հեռաւոր բարեկամ, անչափ ուրախ կը լինեմ, եթէ օրերից մի օր Ձեզ եւ Ձեր սուրբ ընտանիքին հիւրընկալեմ իմ սեփական յարկի տակ: Այդ օրն ինձ համար տօն կը լինի, հոգւոյս կիրակի[ն]…[ccxvi]
Այսքանը: Առայժմս: Բարեւէք սուրբ ընտանիքին Ձեր, ինձ անծանօթ Ձեր հարազատ-մտերիմներին եւ բոլոր նրանց, ում սիրտերում Արարատներ կան…
Անհամբեր համբերութեամբ սպասում եմ Ձեր նամակ-պատասխանին:
Սիրով եւ կարօտով,
Ձեր պստիկ ախպեր՝
Սարօ Գէոդակեան[ccxvii]
* * *
Հալէպ, 17 Յունուար 1992[ccxviii]
Պէպօ Սիմոնեանին,
Իմ հեռաւոր Ախպորս, որի Հայաստանոտ սիրտը կը բաբախէ Ղարաբաղի համար…
Սարօ Գէոդակեան
* * *
Հալէպ, 8 Փետրուար [19]92[ccxix]
Բարի լո՜յս, սիրելի եղբայր Պէպօ,
Հալէպից հեռանալու նախորդ օրը ստացայ սրտագիրդ եւ ուրախութիւնս անչափելի է: Իմ բարեկամ Սալբի Գասպարեանը[ccxx] խոստացաւ գիր-երկտողս տեղ հասցնել: Անհամբեր սպասում եմ հայրենի հողի վրայ մեր սրտագուրուելուն: Ես փոքր եղբօր իրաւունքով քեզ հետ հարցազրոյց էի պատրաստել, որի հարցերը նախօրօք ուղարկել էի քեզ: Իսկ պատասխանը ուշանում է:
Խնդրում եմ չուշացնես եւ մէկ անգամ եւս գեղեցիկ անակնկալ պատրաստես ինձ համար: Չմոռանաս ուղարկել լուսանկարդ, որը ցանկալի հիւրը կը լինի իմ գրասեղանի համար:
Սիրելի եղբայր իմ, տա՜յ Աստուած, Ղարաբաղը շուտ յաղթանակի եւ նրա յաղթութեան սուրբ կենաց բաժակը միասին բարձրացնենք Հայր Արարատի արցունքաչ հայեացքի ներքոյ:
Մինչ հանդիպում Հայաստանում:
Քո փոքր եղբայր՝
Սարօ
* * *
Երեւան, 26 Մայիս [19]92[ccxxi]
Բարի լո՜յս…
Եղբայր իմ պատուական, թող լոյսը մանանայի նման իջնի քո սուրբ ընտանիքի հացասեղանին: Ինչպէ՞ս ես, ինչո՞ւ չես պատասխանում կարօտագրերիս… Սալբի Գասպարեանի (Հալէպ) հետ կարօտներս էի ուղարկել քեզ, տեղ չհասա՞ւ… Գրաբերիս՝ Կարօ Մածունեանի[ccxxii] հետ ուղարկում եմ «Ծառին Ճիչը» երգամատեանիցդ տպագրած «Ղարաբաղը Հա՛յ է, Արցախը մե՛րն է…» քերթուածը՝ լոյս տեսած «Կանչ» թերթում:[ccxxiii] Երգամատեանդ հիասքանչ էր ու հայաշունչ, քերթուածը՝ հայամրմունջ ու հայաբոյր: Շնորհաւորում եմ:
Մենծ Ախպեր, խնդրում եմ հարցերիս շտապ պատասխանես եւ շտապ էլ ուղարկես ինձ որեւէ մէկի հետ: Չմոռնաս վերջերս արուած քո լուսանկարը ուղարկել ինձ: «Մայրենի» հայաշունչ հանդէսը[ccxxiv] անհամբեր սպասում է այդ հարցազրոյցի տպագրութեանը: Ասում են՝ Երեւան-Պէյրութ ուղեգիծը բացուել է արդէն: Երանի՜ այն օրը երբ Արցախի յաղթանակի գաւաթը կը բարձրացնենք Երեւանում եւ Պէյրութում… Իսկ մինչ այդ՝ վայելիր Շուշիի յաղթանակի կենացը… Ախպեր ջան, ուղարկիր քո նոր քերթուածները, որպէս զի հնարաւորութիւն ունենամ տպագրելու Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի Անկախ մամուլում:
Իմ կարօտալի բարեւներս փոխանցիր Սարգիս Կիրակոսեանին,[ccxxv] Պօղոս Սնապեանին,[ccxxvi] «Արարատ» հայաշունչ լրագրի տնօրէնին եւ խմբագրական ողջ անձնակազմին: Թէ հանդիպես՝ բարեւիր Թորոս ախպօրս:[ccxxvii] Գրի՛ր իմանամ, թէ ե՞րբ ես վերջապէս գալու քո երկիրը: Քեզ բարեւում է «Կանչի» աշխատակցուհի Մանիկ Աճեմեան բանաստեղծուհին:
Սիրելի եղբայրս, խնդրում եմ գոնէ այս անգամ չուշացնես պատասխանը: Գրկում եւ պինդ համբուրում եմ քեզ: Գրկում եմ քեզ եւ Արարատը, երկուսդ էլ ժամանակից շուտ ազնւօրէն ճերմակաք…:
Մնամ՝ միշտ Ձերդ բարեկամ՝
Սարօ Գէոդակեան
* * *
[Երեւան,] 28 Մայիս 1992[ccxxviii]
Պէպօ Սիմոնեանին.
Շնորհաւորում եմ Շուշիի Յաղթանակը: Հայաստան-Արցախ մայրուղին շնչում է Հայերէն…
Սարօ Գէոդակեան
* * *
Երեւան – Հայաստան, 28 Սեպտեմբեր [19]92[ccxxix]
Սիրելի եղբայր իմ պատուական,
Գրում եմ թուով չորրորդ (երեւի…) նամակս եւ կարօտս բարակում է: Գոնէ այս անգամ պատասխանիր: Խնդրում եմ: Եղբայրս, կնոջս[ccxxx] (մինուճար) հետ ուղարկում եմ նամակս, հաստատ համոզուած լինելով, որ պատասխանը Սոնայի հետ կուղարկես: Կուղարկես նաեւ արդէն վաղուց պատրաստի հարցազրոյցներդ: Մի խօսքով, նորանոր անակնկալներ եմ սպասում քեզանից:
Սիրելի եղբայր իմ Պէպօ, իմ հեռաւոր գրչակից բարեկամ, գրի՛ր իմանամ՝ ինչպէ՞ս ես, սուրբ ընտանիքդ ո՞նց է, իմ հեռաւոր, անծանօթ թէեւ, բայց հոգեհարազատ ողջոյնս հաղորդիր հայաբոյր օջախիդ բոլոր անդամներին: Գրի՛ր իմանամ, թէ ինչո՞վ կարող եմ օգտակար լինել քեզ, քո ընտանիքին: Խնդրում եմ, թէկուզ բանաւոր, Սոնայի միջոցով հաղորդես ինձ:
Ախպեր ջան, ես լաւ եմ, ոչինչ, դիմանում ու համբերում ենք նորամանուկ մեր Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ներկայ կացութեանը, դժուարութեանց: Հաւատում եմ նրա վաղուայ պայծառ, արեւոտ օրուան: Հրաչ Այնթապլեանի[ccxxxi] հետ, որը քո աշակերտն է եղել ժամանակին, քեզ էի ուղարկել մի հաստափոր ծրար: Չգիտեմ, տեղ հասե՞լ է, թէ՞ ոչ: Իսկ նախկինում հալէպահայուհի իմ բարեկամ Սալբի Գասպարեանի հետ էի ուղարկել ծրար, որի պատասխանը դարձեալ չստացայ: Անհանգիստ եմ այս անորոշութիւնից: Յուսով եմ Սոնան կփարատի անորոշութիւնս:
Եղբա՛յր հեռաւոր, մտաւորականութեան վիճակը շատ ծանր է այսօր: Պէտք է անկեղծօրէն խոստովանեմ, որ մեր լրագրող տղաներից շատերը պայմանագրեր են կապել սփիւռքահայ տարբեր լրագրերի եւ հանդէսների խմբագրութիւնների հետ (օրինակ, Սոֆիայի «Երեւան», Լոս Անճելըսի «Քաջ Նազար» եւ «Շրջապատ», Հալէպի «Գանձասար» եւ այլն…):
Ընկերներիցս շատերն արդէն մեկնել են համապատասխան երկրներ՝ խմբագրատներում աշխատելու: Երեւի Հայաստանի ներկայ անելանելի եւ ծայրագոյն իրավիճակն է ստիպել նրանց ժամանակաւորապէս աշխատանքի անցնել սփիւռքում: Որպէս իմ մեծ եղբայր, պէտք է անկեղծօրէն խոստովանեմ, որ կուզենայի ես ինքս էլ թէկուզ այս սոսկալի եւ դաժան համարուող ձմեռը անցկացնէի որեւէ տեղ, դրանով իսկ դոյզն ինչ փրկէի երեխաներիս՝ Տաթեւիկին (6 տ.) եւ Լուսինէին (4 տ.) մօտեցող ցրտից եւ…
Ինչ խօսք, եթէ պէյրութահայ որեւէ պարբերական (այդ թւում եւ «Արարատ»ը) ընդառաջի իմ ցանկութեանը, ապա երախտապարտ կլինեմ, աշխարհաչափ շնորհակալ: Խնդրում եմ խնդրանքս ճիշդ ընդունես, որպէս քո փոքր եղբօր մտերմաշունչ խնդրանք:
Գիրս մի քիչ տխուր ու յուսահատ ստացուեց, կներես: Ախպերս, այսքանով աւարտում եմ սրտագիրս եւ անհամբեր համբերութեամբ սպասում պատասխանիդ:
Չմոռանաս հարզազրոյցներիդ հետ ինձ ուղարկել լուսանկարդ: Գրկում եմ պինդ-պինդ, համբուրում եմ քեզ: Թող Արարատը միշտ հոգուդ մէջ լինի՝ Արցախի անդրադարձումով:
Մնամ միշտ քու պզտիկ ախպեր՝
Սարօ Գէոդակեան
[ստոր․՝ խզբզոց մը]
* * *
- Գէորգ Էմինէն
[Երեւան,] 31 Օգոստոս 1969[ccxxxii]
Սիրելի Պէպօ,
Շնորհակալութեամբ ստացայ «Արարատ»ի այն թիւերը, որտեղ տպագրուած է իմ գրքի գրախօսականը (քո) եւ մտքերը բանաստեղծութեան եւ ազգապահպանման մասին:
Այդ հարցերի մասին մեր խօսելիքն այնքան շատ է, որ ոչ մի նամակ եւ բացիկ չեն օգնի:
Ասում են թէ ինձ աշնանը հրաւիրել են Պէյրութ (Թումանեանի տօնախմբութիւնների առիթով): Յոյս ունեմ, որ (վերջապէ՜ս) ես կկարողանամ գալ եւ հանդիպել մեր սփիւռքի բոլոր բարեկամներին:
Ողջոյններ մեր բոլոր ընդհանուր բարեկամ-ծանօթներին:
Գէորգ Էմին[ccxxxiii]
Bepo Simonian Երեւան 19, Դեմիրճեան փողոց
- P. 4037 25, բն. 21
Beyrouth, Liban
* * *
[Երեւան, հաւանաբար Դեկտեմբեր 1969][ccxxxiv]
Սիրելիդ իմ Պէպօ,
Ի սրտէ շնորհաւորում եմ քեզ, ընտանիքիդ եւ շրջապատիդ բոլոր ազնիւ (միայն ազնիւ !) հայերին Նոր Տարուայ առթիւ եւ ցանկանում եմ ամենայն բարիք:
Գէորգ Էմին
* * *
[Երեւան, հաւանաբար 1970-ականներու սկիզբ][ccxxxv]
Սիրելիդ[ccxxxvi] իմ Պէպօ, հաճոյքով ստացայ քո «Մայրիներու Արմատները» գեղեցիկ եւ վայելուչ գիրքը: Այսպիսի գրքեր ստանալիս ես ուրախանում եմ ոչ միայն գրքի եւ նրա հեղինակի, այլեւ Բէյրութի ու նրա հայ գաղութի համար – փա՜ռք Աստծու, ասում եմ ինձ, ուրեմն գործերն այնքան էլ գէշ չեն, եթէ կրնան հրատարակուել այսպիսի շքեղ եւ խնամքով տպագրուած գրքեր: Օգտուելով հանգամանքից, շնորհաւորում եմ քո, քո ընտանիքի, մտերիմների ու ընկերների Նոր Տարին, եւ ի սրտէ մաղթում որ այս տարին բարեյաջող տարի լինի ձեր, Հայրենիքի ու սփիւռքի հայութեան համար:
Խնդրեմ.–
Ո՛չ թուրքական, ո՛չ պարսկական –
Հայի հայկականն եմ ուզում,
Ո՛չ տարագիր, ո՛չ գաղթական –
Հայ ազգը իր տա՛նն եմ ուզում,
Մեր վաղեմի՜ ազնիւ հարցին
Արդար դատարան եմ ուզում:
Յոգնել եմ ես «Հայոց հարցից» –
Հայոց պատասխա՛ն եմ ուզում…[ccxxxvii]
ՅԳ. Ցտեսութիւն: Մինչ մեր հանդիպումը այս բացիկի վրայ նկարուած լեռան ստորոտում, եւ այս ծառերի տակ, որոնք կարծեմ իմ հայրենի Աշտարակի այգիներն են:
Գէորգ Էմին
* * *
- 25. Մակար Գէորգեանէն
[Սուրէնաւան գիւղ – Հայաստան, հաւանաբար 1992-ի ամառ][ccxxxviii]
Բարեւներս հեռաւոր Հայաստանից
Յարգելի Պէպօ Սիմոնեան,
Ես, Հայաստանաբնակ քաղաքացիս՝ Մակար Գէորգեանս, ապրում եմ Արարատի շրջանի Սուրէնաւան գիւղում:
Ես սովորում եմ 7-րդ դասարանում:
Արդէն 3 տարի է ինչ Ֆրանսիայից ստանում եմ «Բանբեր» ամսագիրը:[ccxxxix]
Ես այդ ամսագիրը շատ հաճոյքով կարդում եմ եւ մեծ մասամբ էլ պատմում ընկերներիս: 1992 թուականի չորրորդ համարում ես կարդացի Ձեր գրած գրքի մասին[ccxl] եւ ցանկացայ որ ես էլ ընթերցեմ այդ գիրքը:
Շատ եմ խնդրում, եթէ հնարաւոր է, ինձ էլ ուղարկեցէք այդ գրքերից: Առայժմ ցտեսութիւն:
Իմ հասցէն է՝ Հայկական ՍՍՀ
Արարատի շրջան, գիւղ Սուրէնաւան,
Փողոց Երիտասարդական, տուն N 9
Գէորգեան Մակար Սանասարի
* * *
- 26. Գրիգոր Գույումճեանէն
Երեւան, 1 Յունուար 1984[ccxli]
Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան,
Նոր տարուայ տօնական օրերի առթիւ ընդունէ[ccxlii] ջերմագին շնորհաւորանքներ ու լաւագոյն բարեմաղթութիւններ՝ ուղղուած քեզ եւ քո հարազատներին:
Թող նոր տարին ստեղծագործական նոր նուաճումների բերկրանքը պարգեւի քեզ, որդեգրածդ զոյգ բնագաւառներիդ էլ՝ գրական թէ մանկավարժական:
Քեզ սիրող՝
[ստոր․՝ Գրիգոր Գույումջ][ccxliii]
* * *
27․ Մարտիրոս Գուշագճեանէն
Սթրաթֆորտ, 6 Օգոստոս 1964[ccxliv]
Ողջո՜յն Պէպոյին՝ մեծն Շէյքսփիրի ծննդավայր Էվընէն: Անգլիոյ ճիշդ կեդրոնը հիանալի փոքրիկ քաղաք մըն է: Սթրէթֆորտ: Անգլիացիք խիստ հպարտ են այս փոքրիկ գաւառական քաղաքով: Այս ամսոյն 15-ին Լոնտոնէն Փարիզ կ’անցնինք:
Սիրով՝
[ստոր․՝ Մ. Գուշագճեան][ccxlv]
Mr. Bebo Simonian
c/o Maral Koushakdjian
Mishel Jrah Building
Kubayet, Damas str.
Beirut
(Lebanon)
* * *
- Մարիամ Գրիգորեանէն
[Երեւան,] 9 Յունիս [19]99[ccxlvi]
Մեր խաչեալ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ եւ պատուական անունով` ջերմ, սրտաբուխ եւ կարօտալից ողջոյններ յարգարժան եղբայր Պէպօ Սիմոնեանին։
Սիրելի եղբայր, իմ անունը Մարիամ է: Ես յաճախում եմ Երեւանի Հայ Աւետարանական Մկրտական եկեղեցին: Գիրք շատ եմ սիրում կարդալ, քանի որ գիրքը ինձ աւելի շատ խորհուրդ է տալիս, քան մարդը: Ես հետաքրքրւում եմ սփիւռքահայութեան ապագայով: Ուստի եթէ կայ եւ հնարաւոր է, շատ եմ խնդրում, ուղղակի աղաչում եմ Քրիստոսի սիրով, որ ուղարկէք «Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն» գիրքը: Փառք եմ տալիս Աստծուն, որ Աստուած Ձեզ գիրք գրելու պարգեւն է տուել եւ Դուք Իր տուած պարգեւը օգտագործում էք Իր փառքի համար: Տէրը առատապէս օրհնի Ձեզ եւ վարձահատոյց լինի: Ոսկեղէն համար․ «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ Անոր անպատում պարգեւին համար» (2 Կորնթ 9:15):
Ձեր համար աղօթող՝
Մարիամ Գրիգորեան
* * *
- Մեսրոպ ծ. վրդ. Գրիգորեանէն
[Վիեննա,] 13 Ապրիլ 1970[ccxlvii]
Սիրելի Պէպօ,
Շնորհակալութեամբ ստացայ եւ հաճոյքով կարդացի յօդուածդ՝ «Ակնարկ մը սփիւռքահայ բանաստեղծութեան վրայ»: Կը շնորհաւորեմ գրական ջանքերդ եւ արդիւնքը եւ քեզ ի սրտէ կը մաղթեմ ամէն յաջողութիւն:
Ողջունիւ՝
[ստոր․՝ Մեսրոպ ծ. վ. Գ. Գրիգորեան][ccxlviii]
Mr. Bebo Simonian
- O. B. 4037
Beirut
LEBANON
* * *
- Նուպար եւ Անահիտ Դաւիթեաններէն
Պէյրութ, 29 Դեկտեմբեր [19]73[ccxlix]
Սիրելի բարեկամներ,
Շնորհակալութեամբ ստացանք ձեր մաղթանքները ու կը փոխադարձենք զանոնք, ինչպէս միշտ… քիչ մը ուշ: Մանաւանդ ներողութիւն կը խնդրենք ուշացումին համար մեր շնորհաւորութիւններուն, խնդակցութեան ու բարի մաղթանքներու ձեր փոքրիկ նորածինին համար որ հիմա արդէն բաւական մեծցած ըլլալու է:
Meilleurs Vœux
pour une Bonne Année
Ուրեմն, անգամ մը եւս յուսալով որ ներողամիտ կ’ըլլաք, կը կրկնենք մեր սրտագին մաղթանքները:
Ձերդ անկեղծօրէն՝
Noubar et Anahide Tavitian
29.12.73
Beyrouth
* * *
- Ռազմիկ Դաւոյեանէն
Երեւան, 27 Դեկտեմբեր [19]72[ccl]
Սիրելի Պէպօ,
Շնորհաւորում եմ քո, տիկնոջդ եւ զաւակներիդ Նոր Տարին, որ վստահ եմ, քեզ պայծառ ստեղծագործական յաջողութիւններ պիտի բերի եւ պիտի բազմապատկի սէրդ աշխարհի ու մարդոց հանդէպ:
Ձեր՝
Ռազմիկ Դաւոյեան
* * *
- Դեւէն
Թեհրան, 15 Դեկտ[եմբեր] 1966[ccli]
Արիւն է եղել աշխարհում,
Եղել է եղեռն եւ կռիւ,
Աշխարհից հեռու մի գիւղում,
Եղէգնեայ մի սրինգ կտրած,
Արեւ է երգել ու գարուն:
Այս հիւանդ հանճարեղ պատանին:
ԵՂ. ՉԱՐԵՆՑ
Բանաստեղծ բարեկամս,
Սիրելի’ Պէպօ Սիմոնեան,
Սրտագին շնորհակալութեամբ ստացայ Ձեր վերջին հեղինակութիւն «Խորհրդածութիւններ»ը, որի ընթերցումը իսկապէս խորը գրական հաճոյք պատճառեց ինձ: Զգացուած եմ Ձեր բարեկամական սիրալիր ուշադրութեան համար, որ բարի էք գտնւել Ձեր գիրքը[cclii] նւէր ուղարկելու ինձ: Գիրքը ինքնին իր ամբողջութեամբ հետաքրքրական եւ արժէքաւոր մի երեւոյթ է, որ համապատասխանում է տւեալ ժամանակին եւ նիւթին: Ձեր խորհրդածութիւնները համադրելով բոլոր այն հայրենի գրողների կարծիքների հետ, որոնք արտայայտւեցին համագումարից[ccliii] առաջ, Դուք կարողացել էք ստեղծել մի ամբողջութիւն, որը իրօք կը ծառայի «գրականութեան պատմութեան»: Շնորհաւորում եմ ջերմօրէն եւ շատ ապրէ՛ք:
Սիրով եւ անկեղծօրէն՝
[ստոր․՝ Դեւ][ccliv]
* * *
Թեհրան, 27 Ապրիլ 1967[cclv]
Բանաստեղծ բարեկամս,
Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան
Ստացայ Ձեր Ապրիլ 16 թւակիր գրութիւնը, որը իսկապէս ինձ գոհունակութիւն պատճառեց: Առողջական վիճակս շատ, շատ վատ է: Ոտքերիս անհանգստութիւնից բացի տառապում եմ երիկամների բորբոքումից, որը վիրահատութեան կարիք ունի…
Մինչեւ Ձեր նամակին պատասխանելը, կ’ուզէի մի հարցում անել: Իմ անցեալ նամակիս հետ Ձեզ ուղարկեցի «Իրանահայ Արդի Գրողներ» ստւար հատորը:[cclvi] Արդեօք չէ՞ք ստացել, քանի որ Ձեր նամակում այդ մասին չէիք յիշել: Խնդրում եմ երկտողով յայտնել:
Սիրով՝
[ստոր․՝ Դեւ]
Par avion
Mr. Bebo Simonian
- P. 4037
Beyrouth
Liban
* * *
Թեհրան, [հաւանաբար Դեկտեմբեր] 1973[cclvii]
Թանկագին գրչեղբայր Պէպօ Սիմոնեան,
Թող իրականանան ձեր բոլոր գեղեցիկ ցանկութիւնները եւ թող Նոր Տարուան մէջ շրջապատուած լինէք ամենայն բարիքով:
Սիրով եւ անկեղծօրէն՝
[ստոր․՝ Դեւ]
* * *
[Թեհրան, 1970-ականներ][cclviii]
Սիրելի բանաստեղծ բարեկամս Պէպօ Սիմոնեան,
Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօների առթիւ մաղթում եմ կատարեալ երջանկութիւն եւ ամենայն բարիք: Թող 1974 թուականը ձեզ համար լինի յաջողութեան եւ գեղեցիկ օրերի տարի:
Բարեկամաբար եւ անկեղծօրէն՝
[ստոր․՝ Դեւ]
* * *
- Արմենակ Եղիայեանէն
- DR. ARMENAG YEGHIAYAN
CHIRURGIE DENTAIRE
Quartier Trad: 90
Bourdj-Hammoud
Tél.: 268575
Պէյրութ,[cclix] 12 Մայիս 1995[cclx]
Յարգելի պ. Պէպօ Սիմոնեան,
Ազնիւ բարեկամ,
Ստացայ «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» աշխատասիրութիւնդ եւ եթէ օրին չգրեցի, պատճառն այն էր, որ կ’ուզէի քիչ մը աւելի լայն առիթ ունենալ զայն կարդալու:
Շատ հաճելի ընթերցում մը եւս ասի ինծի համար: Մխիթարական երեւոյթ է, որ տակաւին ունինք սփիւռքի մէջ մտաւորականներ, որոնք այս գրքին մէջ յարուցուած հարցերով կը զբաղին ու կը տագնապին եւ կ’ուզեն զանոնք բաժնել ընթերցողին հետ: Յատկապէս առինքնող էին մարդուն արժեզրկումը մեքենական դարուն, մարդը եւ դրամը արժէքներու դասաւորման մէջ, մարդը՝ դէմ-յանդիման մարդամեքենաներու սպառնալիքին, ընկերային եօթը մեղքերը՝ ըստ Մահաթմա Կանտիի եւ այլն: Այս գլուխները կը թուեմ ոչ թէ նսեմացնելու համար միւսները, այլ պարզապէս շեշտելու համար ասոնց բովանդակութեան ազդեցութիւնը իմ վրաս:
Շատ բան սորվեցայ այս գիրքէն եւ մեծ վայելք մը եղաւ անոր ընթերցումը: Շնորհակալ եմ, որ զիս եւս նկատի առած էք: Գրիչդ դալար մնայ:
Ընկերական սիրով՝
[ստոր․՝ Արմենակ Եղիայեան][cclxi]
* * *
- Զահրատէն
Իսթանպուլ, Դեկտեմբեր 1968[cclxii]
Սիրելի Պէպօ,
Սրտագին բարեմաղթութիւններս՝ 1969-ի համար, Ձեզի եւ Ձեր ազնիւ տիկնոջ:
Yeni Yiliniz
Kutlu Olsun
Սիրով՝
[ստոր.՝ Զահրատ եւ Անայիս]
ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ
Այսօր ստացայ տիկինին գեղահիւս նամակը, որուն համար շատ ու շատ շնորհակալ եմ: Կինս՝ Անայիսն ալ մեծապէս ուրախացաւ:
Այդ նամակէն տեղեկացայ նաեւ որ բանաստեղծութիւններս թարգմանուեր են լատիշերէնի: Պալթեան լեզու մըն է կարծեմ: Միայն թէ հաւանաբար մոռցեր էիք ներփակել «Արարատ»ի կտրօնը, ուր այդ լուրը տրուած է: Կ’ուզէի գիտնալ մանրամասնութիւնները:
1969-ի ընթացքին ինշալլահ կը վերատեսնենք զիրար:
[ստոր.՝ Զահրատ]
* * *
Իսթանպուլ, 22 Դեկտեմբեր 1969[cclxiii]
Սիրելի Պէպօ,
1970-ի սեմին մեր շնորհաւորութիւններն ու լաւագոյն բարեմաղթութիւնները՝ քեզի եւ տիկնոջդ:
Սիրով,
Նամակիդ սպասող՝
[ստոր.՝ Զահրատ եւ Անայիս]
* * *
Իսթանպուլ, 12 Դեկտեմբեր 1970[cclxiv]
Սիրելի Պէպօ,
Նախ սրտագին շնորհակալութիւններս այն ջերմ ու եղբայրական ընդունելութեան համար՝ երբ Պէյրութ էինք, կարճ՝ սակայն անուշ յիշատակներով հարուստ ժամանակի մը համար:
Կը կրկնեմ շնորհակալութիւններս, ու քանի որ Նոր Տարիի մը սեմին կը գտնուինք, Ձեզի, տէր եւ տիկին, կը մաղթեմ ամէն ինչ որ լաւ է եւ կ’երջանկացնեն 1971-ի համար (*): Ինչպէս որ ստորագրութենէն յայտնի կ’ըլլայ, սիրելի կէսս ալ լրիւ կը ձայնակցի ինծի:
Կը խնդրեմ միայն որ տիկին Ազատուհին չբացակայի կամ Ամերիկա չճամբորդէ այն շրջանին, որ մենք Պէյրութ կու գանք: (Կրնանք նաեւ անակնկալ մը ընել եւ Ամանորը Պէյրութ անցընել):
Սիրով՝
[ստոր.՝ Զահրատ եւ Անայիս]
Տոմսի ձախ լուսանցքին, երկարութեամբ գրուած է.
(*) Այս գրութեան ե՛ս ալ չհաւնեցայ: Իրարու ետեւէ երեք հատ «համար» եղաւ:
[ստոր.՝ Զ.]
* * *
Իսթանպուլ, [հաւանաբար 1971-ի ամառ][cclxv]
Սիրելի Պէպօ,
Գարնան աւետաբեր այս մէկ հատիկ ծաղիկը – թէպէտ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար – այո՛, այս ծաղիկը… կաշառք մըն է ձեզի, որպէսզի հաճիս «սիրով» ընթացք տալ իմ հետագայ երկու խնդրանքիս:
Առաջին.– «Մարմարա» օրաթերթի մէկ թղթակիցին՝ «Հայրենիքի Ձայն»էն արտագրելով ղրկած մէկ լուրէն տեղեկացայ թէ «Էրեբունի» հրատարակչատունը հրատարակեր է նաեւ իմ մէկ բանաստեղծութեան հատորս:[cclxvi] Տպագրութիւնը կը կատարուի Պէյրութ, «ՄԵՍՐՈՊ» տպարանում: Հաճէիր այդ գիրքէն օրինակ մը ղրկել իմ հասցէիս:
Երկրորդ.– Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններու գիրքը՝ զոր կարծեմ Սիմոնեանը տպել տուած է Պէյրութի մէջ:[cclxvii] Օրինակ մըն ալ անկէ:
Երրորդ.– Սիրալիր բարեւներ կնոջդ՝ Ազատուհիին եւ քեզի։ Այս ամառ Իսթանպուլ գալու մտադի՞ր էք արդեօք: Շատ ուրախ կ’ըլլանք: Ի՞նչ կայ չկայ Պէյրութի մէջ: Եթէ ժամանակ ունենաս տրամադրելի՝ ինծի գրէ՛:
Սիրով՝
[ստոր.՝ Զահրատ]
* * *
Իսթանպուլ, Դեկտ[եմբեր] 1972[cclxviii]
Սիրելի Պէպօ,
Լաւագոյն բարեմաղթութիւններ տիկնոջդ եւ քեզի: Շնորհաւոր Նոր Տարի:
Նամակդ ստացայ, մօտ օրէն կը պատասխանեմ:
Ջերմ սիրով՝
[ստոր.՝ Զահրատ եւ Անայիս][cclxix]
* * *
- Ռուբէն Զարեանէն
Երեւան, 29 Դեկտեմբեր [19]69[cclxx]
Շնորհաւոր Նոր Տարի
[ստոր.՝ ՌԶ]
29 . 12 . 69
Երեւան
* * *
Երեւան, 1 Յունուար [19]71[cclxxi]
Նոր Տարուայ բարեմաղթութիւններով
[ստոր.՝ ՌԶ]
- 1. 71. Երեւան
* * *
[Երեւան, հաւանաբար Դեկտեմբեր 1974][cclxxii]
1975
Շնորհաւոր
Նոր Տարի
1975-ին աշխարհի բարին Ձեզ, իսկ յետոյ… յետոյ կմտածենք:
Համբոյրներով՝
Միշտ Ձեր [ստոր.՝ ՌԶ]
Յ. Գ. Գուցէ շուտով հանդիպենք, Յունու[ար] 19-ին: Հրաւիրուած եմ Դամասկոս՝ ակումբի բացմանը:
[ստոր.՝ Ռ.]
* * *
Երեւան, 9 Յունիս 1987[cclxxiii]
Սիրելի եւ յարգելի Պէպօ.
Իմ երկարաձիգ նամակը մնաց անպատասխան ու մտածեցի, որ մեր յարաբերութիւնները խզուեցին՝ չունենալով դրա համար որեւէ լուրջ պատճառ: Եւ յանկարծ Սփիւռքահայ Կոմիտէից ստանում եմ Ձեր նոր գիրքը՝ «Մայրիներու Արմատները»: Եւ շատ ուրախացայ: Հէնց որ ազատ ժամանակ ունենամ եւ համապատասխան տրամադրութիւն, անպայման եւ սիրով կը կարդամ:
Իմ սրտագին ողջոյնները համակրելի տիկնոջդ եւ ձերոնց ընդհանրապէս: Մի առանձին հաճոյքով յիշում եմ Ձեր յարկի տակ անցկացրած մի օրը, որի վրայից անցել է քսան տարուց աւելի:
Թռչում է ժամանակը:
Յարգանքով ու սիրով,
միշտ Ձեր բարեկամ՝
[ստոր.՝ ՌԶ]
* * *
- Հայր Լեւոն Զէքիեանէն
[հաւանաբար Վենետիկ,] 14 Մարտ 1999[cclxxiv]
Ազնիւ պր. Սիմոնեան,
Սրտանց շնորհակալ եմ Ձեր «Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն» գիրքէն օրինակ մը նուիրելու շատ հաճելի մտածումին համար, որուն մէջ նաեւ գեղեցիկ անակնկալս ունեցայ յօդուածէ մը, զոր բաւական տարիներ առաջ գրեր էի, մէջբերում մը գտնելու: Կը մաղթեմ Ձեզի ամենայն բարիք, գրական-գիտական նորանոր նուաճումներ: Կը յուսամ նաեւ որ յառաջիկային, որեւէ մի առիթով, զրուցելու հնարաւորութիւնը եւս ներկայանայ:
Առ այժմ մնամ շնորհակալութեան կրկնակի զգացումներով եւ լաւագոյն իղձերով,
Ձերդ՝
[ստոր.՝ Հ. Լեւոն Զէքիեան][cclxxv]
* * *
- Պսակ քահ. Էթարեանէն
[Պէյրութ, 20 Նոյեմբեր 1973][cclxxvi]
Սիրելի պրն. տնօրէն,
Ահա այն կղզեակը ուր Մոնթէ-Քրիստոյ բանտարկուած էր եւ կրցաւ փախուստ տալ: Գացինք եւ տեսանք: Յուսալով որ լաւ եւ հանգիստ էք, մօտաւոր օրերուն տեսնուելու յոյսով եւ փափաքով, կը մաղթեմ յաջողութիւններ Ձեզի եւ Ձեր նուիրական հաստատութեան:
Աղօթարար՝
[ստոր․՝ Պսակ Քհնյ. Էթարեան][cclxxvii]
Mr. Bébo Simonian
Ecole Roupinian
Rue Khalil Badaouy
Beyrouth
(Liban)
* * *
- Տիգրան եւ Մայտա Թաթարեաններէն
Նիկոսիա – Կիպրոս, 4 Օգոստոս 1987[cclxxviii]
Մեծայարգ տիար Պ. Սիմոնեան,
Տնօրէն Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի,
Սին էլ Ֆիլ – Լիբանան.
Յարգելի տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Ստացանք Ձեր 12 Յուն[իս] 1987 թուակիր նամակը որուն մէջ Ձեր եւ Խնամակալութեան անունով ցաւակցութիւններ կը յայտնէիք հօրս մահուան առթիւ: Մայրս եւ մենք խորապէս զգացուած ենք Ձեր ազնիւ խօսքերուն համար, հօրս յիշատակին առթիւ: Վստահ եղէք, մենք ալ միշտ բարեկամ պիտի մնանք Սահակեան Գոլէճին, մանաւանդ որ կը հաւատանք դաստիարակութեան դերին մարդ եւ հայ անձ կերտելու նուիրական պարտականութեան մէջ: (Աղջիկս այս տարի Մ. Սողանալեան (Լոնտոն) Կիրակնօրեայ Դպրոցին ուսուցչուհիներէն էր):
Կը ներէք որ ուշացուցինք պատասխանելու Ձեր նամակին՝ զանազան պատճառներով: Ներփակ կը գտնէք հօրս (Յովհաննէս Շեքէրճեանի) լուսանկարը ըստ Ձեր փափաքին: Նաեւ $50 մը «Սահակեան»ի Չքաւոր Սաներու Ֆոնտին:
Ուրեմն, վերջացնելով՝ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք Ձեզի եւ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի Խնամակալութեան, որ վեհանձնութիւնը ունեցած էք մանկապարտէզի սրահը հօրս անունով յիշելու:
Յարգանքներով՝
Տիգրան եւ Մայտա Թաթարեաններ
Յ.Գ.– Յաճախ կը կարդանք Ձեր գրական եւ Ձեր տիկնոջ մանկավարժական յօդուածները «Արարատ»ի մէջ: Հետաքրքրական եւ դաստիարակիչ են: Վարձքերնիդ կատար եւ գրիչնիդ անսպառ:
Նոյն
* * *
Նիկոսիա – Կիպրոս, 20 Դեկտ[եմբեր] 1987[cclxxix]
Մեծայարգ տնօրէն Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Յարգելի տիար Պ. Սիմոնեան,
Ստացանք Ձեր 5 Նոյ. 1987 թուակիր նամակը, որուն մէջ տեղեկացուցած էիք հանգուցեալ հօրս (Յովհաննէս Շեքէրճեանի) նկարին մասին որ պիտի զետեղուէր մանկապարտէզի հանդիսասրահին մէջ: Ներփակ կը գտնէք $…..նոց[cclxxx] մը նկարը մեծցնելու եւ շրջանակի ծախսերուն համար: Եթէ աւելնայ դրամէն՝ մնացեալը Չքաւոր Սաներու Ֆոնտին յատկացուցէք խնդրեմ:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի առթիւ ընտանեօք կը մաղթենք Լիբանանի երկարամեայ պատերազմին եւ տնտեսական տագնապին վերջաւորութիւն, իսկ Սիմոնեան ընտանիքին ալ՝ առողջութիւն եւ փափաքներու իրականացում:
Յարգանքներով՝
[ստոր․՝ Մայտա Թաթարեան]
* * *
Նիկոսիա – Կիպրոս, 18 Սեպտ[եմբեր] 1992[cclxxxi]
Մեծայարգ տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Ներփակ կը գտնէք $200 Յովհ. Շեքէրճեան Սանի ֆոնտին համար:
Ձեզի 1992-93 տարուան սեմին կը մաղթենք քաջառողջութիւն որպէսզի կարենաք կուրծք տալ դարձեալ, Ձեր սրբազան գործին յառաջդիմութեան:
Յարգանքներ Ձեր ազնիւ տիկնոջ՝ տիկ. Ազատուհիին, նաեւ յաջողութիւններ՝ Ձեր տղոց:
Մնամ յարգանքով՝
[ստոր.՝ Մայտա Թաթարեան]
Էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Յ.Գ.– Շնորհակալութեամբ ստացանք «Ուսանող»ը եւ տեղեակ եղանք պարունակութեան:
Նոյն
* * *
Նիկոսիա, Կիպրոս, 6 Յունիս 1995[cclxxxii]
Յարգելի տիար Պ. Սիմոնեան,
Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացինք Ձեր «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» գիրքը: Մեզի համար նորութիւն էր լսել, Ձեր բանաստեղծական շնորհներուն հետ առընթեր, աշխարհի ընկերային, տնտեսական եւ բարոյական անարդարութիւնը յուզող գրութիւններ:
Այս օրերս ալ մեր հայրենիքը յուզող անթիւ հարցեր կան – երկրաշարժի աղէտեալներով, նորահաստատ պետականութեամբ, Արցախի հերոսամարտով եւ զոհուած մարտիկներու որբերու խնամքով: Բարեբախտաբար Լիբանանի քաղաքային երկար պատերազմը[cclxxxiii] վերջացած է եւ ժողովուրդը իր նորմալ կեանքի ընթացքը սկսած:
Ընդունեցէ՛ք մեր անկեղծ եւ ջերմ գնահատանքը Ձեր վերեւ յիշուած գիրքին հրատարակութեան առթիւ: Կը մաղթենք որ մօտ ապագային դարձեալ Ձեզմէ կը լսենք Ձեր նոր գործերու հրատարակութիւններ՝ դաստիարակչական ծանր գործին հետ միատեղ:
Յարգանքներս Ձեր սիրելի տիկնոջ՝ տիկ. Ազատուհիին որ ո՛չ միայն տիպար հայուհի մըն է, այլ[եւ]՝ զոհուած եւ գիտակից կին մը եւ մայր մը միեւնոյն ժամանակ: Ձեր երկու կորիւններուն ալ յաջողութիւններ իրենց կեանքի սեմին:
Շնորհակալութեամբ Ձերդ՝
Մայտա Թաթարեան
Յ. Գ. Ներփակ կը ղրկեմ (յապաղումով) $160՝ հօրս յիշատակին նուիրուած, աղքատ ուսանողներու ֆոնտին նաեւ $40 ալ ի գնահատանք Պ. Սիմոնեանի «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» գրքին տպագրութեան առթիւ, դարձեալ «Սահակեան»ի աղքատ ուսանողներու ֆոնտին:
Նոյն
* * *
- Արաքսի Թաթուլեանէն
[Հաւանաբար Ա․ Մ․ Ն․, հաւանաբար 1969][cclxxxiv]
Ինչպէս գիտէք, Եկեղեցին միակ միջոցն է հայապահպանման: Մշակութային միութիւն չկայ, Թէքէեանը ունի միութիւն մը[cclxxxv] որուն անդամները հազիւ մատի վրայ կը հաշւուին: Էջմիածնական եւ Կիլիկեան թեմեր կան, այսպիսով կը զանազանուին մարդիկ: Նոր սերունդը բացարձակապէս հայերէն չ[ի] խօսիր, սակայն շատ ամուր կառչած են իրենց Եկեղեցիին: Երբ հարցնես հա՞յ ես, հպարտանքով կը պատասխանեն՝ «of course Armenian»: Եկեղեցին իր ամսօրեայ պաշտօնական թերթը ունի: Տօնակատարուեցաւ Կոմիտաս Վրդ.ի ծննդեան 100-ամեակը: Եկեղեցիէն անմիջապէս ետք ճաշ եւ Տիթրոյթէն պոլսահայ երգեցիկ երգչախումբը եկած էր որոնք օրուան հանդիսութեան փայլն էին: Իմ նախաձեռնութեամբս տօնակատարեցինք Յովհ. Թումանեանի 100-ամեակը: Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Հ. Քեքլիքեանը:[cclxxxvi] Բացման խօսքը եւ յայտագիրը վարողը ես էի: Ինչպէս նաեւ արտասանեցի «Աղթամարը»: Ներկաները յուզումով ունկնդրեցին: Տոքթ.ը հազիւ բեմ բարձրացաւ, խօսքը ժողովուրդին ուղղելով՝ ըսաւ. «Կը տեսնեմ որ առանց հաճընցիներու բան մը չենք կրնար ընել»: Յետոյ ճաշ տրուեցաւ: Ամբողջ ժողովուրդը հպարտ եւ ուրախ է որ զօրաւոր ոյժ մը զիրենք զարթօնքի կը հրաւիրէ: Իմ նպատակս ծանօթութիւն եւ բարեկամութիւն հաստատելն է մեծահարուստ աղաներու հետ, որպէսզի յետագային թիկունք կանգնին մեր սիրելի միութեան: Միսաքը[cclxxxvii] եկեղեցին սարկաւագ է, ես ալ դպրութիւն կ’ընեմ: Ուրիշ ընելիք չունինք, Եկեղեցիէն կը բխի հայու ոգին: Միսաքը մասնաւոր կը բարեւէ եւ յաջողութիւններ կը մաղթէ Ձեր ուսերու վրայ առած սրբազան գործին (ի մէջ այլոց ըսեմ որ «Նոր Սերունդ»ը տակաւին այսպիսի դիրքի հասած չէր): Իմ յարգանքներս հաղորդեցէ՛ք «Նոր Սերունդ»ի վարչութեան, Ձեր ընտանեկան պարագաներուն: Նորանոր յաջողութիւններ գրական աշխարհէն ներս:
Մայրս՝ տիկ. Թաթուլեանը[cclxxxviii] կը մատուցանէ իր յարգանքներն ու համբոյրները:
Ամսուն 11-ին Մարօ Մարգարեանը պիտի ունենանք մեր մէջ:
Եկեղց. թերթին մէջ Կոմիտասի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը գրեցի ինչպէս նաեւ Ծնունդի առիթով:
Ձեզ յարգող եւ սիրող՝
[ստոր․՝ Արաքսի Թաթուլեան][cclxxxix]
* * *
- Լենա Թաշճեան- Մանուկեանէն
[Պէյրութ,] Դեկտ[եմբեր] 1989[ccxc]
Թանկագին Գալայճեան ընտանիքին,
Թանկարժէք տնօրէնիս-ուսուցիչիս
եւ ինծի օրինակելի-տիպար իր տիկնոջ…:
Remembering you warmly,
and wishing you
a very merry Christmas!
Կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, կորով եւ յարատեւ յաջողութիւններ:
«Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ»:
Լենա (Թաշճեան) Մանուկեան
* * *
[Պէյրութ, թուականը՝ անյայտ][ccxci]
«Հպարտ եմ Ձեր աշակերտուհին ըլլալով եւ իմ ծնողքիս կողքին՝ Ձեր դաստիարակութիւնը ունենալով: Ինչ որ ստացած եմ Ձեզմէ՝ կը խոստանամ փոխանցել իմ զաւակներուս, ընտանիքիս, կանգուն պահելով իմ մէջ հայ-կնոջ աննման տիպարը»:
Ձերդ՝ յարգանօք
Լենա Մ.
* * *
- Ալեքսանդր Թոփչեանէն
Երեւան, 28 Հոկտեմբեր 1985[ccxcii]
Սիրելի Պէպօ,
Նամակդ (3 Հոկտեմբեր) ստացայ եւ շատ ուրախացայ: Նախ ուրախացայ, որ այդ գեհենի մէջ իմ նամակս տեղ է հասել, ոչինչ որ ուշացումով: Յետոյ ուրախութիւն ու հիացմունք է պատճառում, որ Դուք շարունակում էք այդպէս նուիրուած ձեր գործը առաջ մղել: Ես հասկանում եմ, ասածներս պարապ խօսքեր են եւ գրեթէ ոչնչով չեն կարող օգնել, բայց Ձեր արիութիւնն աւելի շատ մեզ է օգնում, ստիպում է կարմրել ամօթից, որ Դուք այդտեղ, անհաւանական պայմաններում, մահուան հետ զարմանալի մտերմութեան մէջ կեանքի գործն էք անում, իսկ մենք այստեղ՝ աշխարհի ամենահզօր ու ամենաընդարձակ երկրում, մատնուել ենք ծուլութեան եւ գրեթէ ոչինչ չենք անում, մինչդեռ ինչե՜ր կարող ենք այստեղ անել, ի՜նչ հրաշքներ կարող ենք գործել: Մեր մտքի ծուլութեան, մեր անգործութեան համար միայն մենք ենք մեղաւոր, ուրիշ ոչ մէկը:
ՍԵՒԱԿի սպասուող հատորը[ccxciii] անհամարձակ մի փորձ էր լուրջ գործ արած լինելու: Կարող եմ ստոյգ ասել, որ շատ աշխատեցի, բայց վստահ չեմ, թէ իմ ուզածն է եղել եւ առաւել վստահ չեմ, եթէ բոլորիդ կը բաւարարի: Ինչ-որ է, երկու-երեք շաբաթ յետոյ ժողովածուն արդէն լույս տեսած կը լինի, դու, ի հարկէ, կը ստանաս եւ հանգիստ ու անաչառ կը դատես արած գործս: Մի բանի համար գոնէ խիղճս հանգիստ է ու ճակատս բաց, որ այդ հատորի մէջ շուրջ վաթսուն անտիպ է զետեղուել: Յուսանք, որ այս հատորը «Բագին»ը միկրոսկոպի տակ չի դնի եւ ստորակէտների քանակը չի հաշուի:
Ասում ես, թէ «երկար ատենէ ի վեր Հայաստանէն գիրք չենք ստանար»:
Սիրելիս, դու լաւ գիտես, որ մեր՝ հայաստանցի գրողները նամակ գրել չեն սիրում (ես բացառութիւն եմ), սակայն իրենց գրքերն ուղարկելու հարցում մէկ հատ են: Դու հաւանաբար չգիտես, որ մեզանում, մասնաւոր անձանց մի փոքր դժուարացել է դէպի դուրս գիրք ուղարկելը: Գումարած դրան, ձեզանում տիրող պատերազմական վիճակը: Ես մօտ օրերս պիտի լինեմ Կապի Կոմիտէում, անպայման կը յիշեցնեմ իրենց, որ վերջին երեք-չորս ամիսը հետաքրքիր գրքեր շատ եղան:
Շատ շնորհակալ եմ, որ դու պատրաստակամ ես օգնել Սեւակի լիակատարի հրատարակութեանը եւ հաւատում եմ, որ առաւելագոյնը կ’անես: Յովհաննէս Չիլինկիրեանը նաեւ իմ բարեկամն է: Անցեալ տարի Նիսում շատ բաժակներ զարկեցինք եւ շատ ու շատ հաճելի ժամեր անցկացրինք միասին: Անմիջապէս երեւում է, որ փառահեղ տոհմից է, Սեւակից ինչ-որ շուք կայ վրան, սակայն այդ քիչն էլ բաւական է, որպէսզի անկեղծօրէն համակրես նրան:
Այժմ երկու խօսք մեզ երկուսիս հետաքրքրող մէկ այլ նիւթի մասին: Այո, Ջրբաշեանը[ccxciv] ճիշդ է ասել, բայց մասամբ: Երկու տարի առաջ ես իսկապէս ցանկութիւն ունէի պոլսահայ բանաստեղծութեան նոր դպրոցի մասին դիսերտացիա գրելու, սակայն յետոյ մտադրութիւնս փոխեցի, փոխուեց նաեւ թեմաս: Հիմա գրում եմ (եւ վերջացնելու վրայ եմ) մէկ այլ Սեւակի՝ Պարոյրի մասին: Այնպէս որ ես քեզ ոչինչով չեմ խանգարելու, աւելին՝ պատրաստ եմ կարողութիւններիս սահմանում քեզ օգնել:
Յուսամ, որ մօտ ժամանակներս Երեւանում կը տեսնեմ քեզ եւ աւելի մանրամասն կը խօսենք, իսկ մինչ այդ եթէ նամակ ուղարկելու լինես, աւելի լաւ է գնացող-եկողի միջոցով անես այդ: Կարծում եմ, որ այդպէս աւելի լաւ կլինի:
Անկեղծօրէն՝
Ալ․ Թոփչեան
[ստոր.՝ Ալ. Թոփչեան]
Յ.Գ.– Ներող եղիր, նամակս մեքենագրական սխալներով վխտում է:
[ստոր.՝ Ալ. Թոփչեան]
* * *
Երեւան, 22 Օգոստոս 1986[ccxcv]
Սիրելի Պէպօ,
Այս ի՞նչ բախտ էր, եղբա՛յր, Յուլիսի 31-ին գրած նամակդ քսան օրում հասաւ ինձ, եւ ահա ես էլ օգտուելով բարեպատեհ առիթից, շտապում եմ պատասխանել՝ յոյս ունենալով, որ երեք-չորս օր յետոյ այս թղթի կտորը յայտնուելու է քո սեղանին: Այսպէս որ գնա, շատ հնարաւոր է նոյնիսկ որ առաջիկային հանդիպենք:
Գիրքդ՝ «Մայրիներու Արմատները» չափազանց հաճելի անակնկալ էր եւ հոյակապ նուէր: Արդէն կարդացի եւ հասցրեցի նոյնիսկ բանակցել «Գարուն»ի հետ, ուր նոյնպէս մէկ օրինակ հասել էր: Պայմանաւորուեցինք, որ գրքիցդ մի լաւ հատուած կառաջարկեմ եւ մի 4-5 էջանոց գրախօսականով կներածեմ:[ccxcvi] Ուստի եւ ներող եղիր, որ կարծիքս (բարձր) չեմ մանրամասնում այս հապճեպ գրուած նամակի մէջ, քանզի քիչ աւելի ուշ, սիրելի ամսագրի էջերից կը դիմեմ քեզ եւ քո ընթերցողներին:
Մեզանում շատ նորութիւններ չկան: Կարդացե՞լ ես արդեօք Յովհաննէս Գրիգորեանի[ccxcvii] եւ Արտեմ Յարութիւնեանի[ccxcviii] նոր ժողովածուները:[ccxcix] Շատ կուզէի, որ ծանօթանայիր, վստահ եմ, որ պիտի հաւանես: Մանաւանդ որ ժամանակին մի լաւ գիրք տպագրեցիր այս սերունդի մասին:[ccc] Եղբա՛յր, վերջապէս, կնքահայրն ես եղել, ինչո՞ւ քեզ հեռու պահել արդէն բեղ-մօրուք ծլած քու սանիկներից:
Թոյլ տուր այսքանով վերջացնել եւ կրկին շնորհակալութիւն յայտնել թէ՛ լաւ նամակիդ, թէ՛ աւելի լաւ գրքիդ համար եւ մէկ այլ, յարմար առիթով, աւելի մանրամասն գրել մեր առօրեային եւ մեր հոգսերի մասին:
Բարեկամական զգացումներով՝
[ստոր.՝ Ալեքսանդր Թոփչեան]
Յ.Գ.– Պարոյր Սեւակի «Մուտք»ի մասին մի հետաքրքիր խորհրդածութիւն գրեցի, կ’ուզէի՞ր արդեօք «Արարատ»ում տպագրել: Եթէ այո՝ պիտի նամակով դիմես ինձ, ես էլ այդ նամակ-պատուէրը տանեմ Կապի Կոմիտէ եւ նրանց միջոցով ուղարկեմ:[ccci]
[ստոր.՝ Ալ. Թոփչեան]
* * *
Երեւան, 16 Յունուար [19]87[cccii]
Սիրելի Պէպօ,
Ահա նորից օգտւում եմ մեր սիրելի Համբարձումի[ccciii] սիրալիրութիւնից եւ շտապում եմ մի համառօտ նամակ ուղարկել: Լաւ է, որ սփիւռքից ուսանողներ կան եւ երբեմն-երբեմն հնարաւորութիւն ենք ստանում վստահելի ձեռքերի յանձնել մեր նամակները:
Նախ, ուզում եմ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել քո բարձր գնահատականների համար, որ շռայլօրէն բաշխել էիր «Արարատ»ի էջերում՝ երկու համարի մէջ: Իսկապէս շոյուած եմ, որ իմ համեստ աշխատանքը, ես կասէի՝ պարտաւորութիւնս մեր դասականների հանդէպ, այդպէս բարձր ես գնահատել: Քո մեծահոգութիւնն ինձ ոգեւորում է եւ մղում շարունակելու այդ գործը: Նոյն խօսքերը պիտի լսէիր եղբօրիցս՝ Ստեփանից, սակայն նա այնքան է խրուած իր հրատարակչական աշխատանքների մէջ, որ ժամանակ չունի նոյնիսկ նամակ գրելու մասին մտածել[ու]:
Հիմա կուզէի ուրիշ բանից խօսել քեզ հետ: Պիտի քեզ գրէի դեռ Լոզանից: Մէկ ամիս առաջ այնտեղ էի, սակայն գերծանրաբեռնուածութիւնը չթողեց: Խնդիրը հետեւեալն է: «Յառաջ»ի դեկտեմբերեան թիւերից մէկում, կարծեմ «Միտք եւ Արուեստ»ն էր, լոյս տեսաւ Գրիգոր Պըլտեանի[ccciv] ծաւալուն յօդուածը Սեւակի զոյգ հատորների առիթով՝ երեւանեան եւ անթիլիասեան:[cccv] Յօդուածդ կարդացի այնտեղ եւ ուղղակի սիրտս ցաւեց: Ափսոս, որ Գրիգորի նման տաղանդաւոր քննադատը իր ձիրքերը մսխել է այդպիսի անշնորհակալ զբաղմունքի վրայ: Անձամբ ես կամ Ստեփանը դժգոհելու բան չունենք, թէ՛ իմ, թէ՛ եղբօրս հասցէին այնտեղ բաւական դրուատալից խօսքեր էին ասուել, սակայն յօդուածն աւելի կարեւոր խնդիրներ էր շօշափում: Վերնագիրն արդէն վիճայարոյց էր՝ «Սեւակի խոստումը»: Ի՞նչ խոստումի մասին է, մի՞թէ կարելի է եօթանասուն տարուայ ուշացումով խօսել բանաստեղծի մասին ժխտական կեցուածքով: Ուրիշ բան, եթէ այդ յօդուածը գրուած լինէր Սեւակի կենդանութեան օրօք: Մեր կողք[ի]ն ապրողների հանդէպ լինենք առաւել խստապահանջ, բայց ի՞նչ արժէք ունի այսօր յօդուած գրել դասականի մասին եւ հարցականի տակ դնել նրա լեզուական գիտելիքները, նրա յանգաւորելու կարողութիւնը, նրա թողած ժառանգութիւնը: Ապերախտ մարդ պիտի լինես այդպիսի գործ անելու համար, բայց Գրիգորը ապերախտներից չէ: Մի խօսքով, մեծ ցաւով կարդացի այդ նիւթը: Եթէ մի աննշան մէկը գրած լինէր, կասէի՝ թքած, սակայն…
Ինչո՞ւ եմ քեզ գրում այս մասին, որովհետեւ գիտեմ, որ Սեւակի պարագայում դու չես կարող անտարբեր մնալ այսպիսի դատումներ կարդալուց յետոյ. բացի այդ, ձեր թերթը այն հազուագիւտներից է, որ փորձում է իսկապէս բանականութիւն մտցնել (գոնէ երազել) ներկայիս անբնական ու անտրամաբանական սփիւռքում: Սեւակը պաշտպանութեան կարիք չունի, առաւել եւս՝ Հայրենիքում․ մենք տպագրեցինք եւ կը շարունակենք տպագրել, եւ ոչ միայն հայերէն, սակայն սփիւռքն է, որ պիտի իր համար ճշդի հարցեր, որոնք չպիտի որ մէջտեղ գային: Խնդրում եմ սա չընդունես որպէս թելադրանք, այդ իրաւունքը չունեմ եւ չեմ էլ ուզի ունենալ, սակայն սա ընդամէնը մտահոգութիւն է, տագնապ:
Յուսամ, որ լաւ ես եւ որ առաջիկայում առիթ կ’ունենանք քեզնից նոր էջեր կարդալու, նոյնքան լաւ, որքան «Մայրիներդ» էին:
Ջերմագին զգացումներով՝
[ստոր.՝ Ալ. Թոփչեան]
Յ.Գ.– Յիշո՞ւմ ես մի քսան տարի առաջ, կարծեմ «Բագին»ի էջերում յօդուած եղաւ այն մասին, որ Գրիգոր Զոհրապի կորուստն այնքան էլ մեծ չէր, քանզի նա որպէս գրող արդէն սպառուել էր…
[ստոր.՝ Ալ. Թոփչեան]
* * *
- Բենիամին Ժամկոչեանէն
- JAMGOTCHIAN
- P. 495
BEYROUTH – LIBAN
[Պէյրութ,] 3 Յունիս 1970[cccvi]
Մեծայարգ պրն. ՊԷպօ Սիմոնեան,
Տնօրէն Ռուբինեան Վարժարանի,
Աստ.
Յարգելի պարոն,
Վարժարանիս ուսուցչական կազմը կը հրաւիրէ Ձեզ որպէս բանախօս իններորդ եւ ութերորդ դասարանի կողմէ ի պատիւ տասերորդ դասարանի կազմակերպուած Վարդահանդէսին, յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 10 Յունիս 1970[-ին,] վարժարանիս սրահին մէջ, ժամը 20:00-ին:
Յուսալով որ ո[ր]եւէ արգելք չունիք, կը ներփակենք մեր շնորհակալութիւնները:
Յարգանքներով,
ի դիմաց ուսուցչական կազմին՝
Տնօրէն
[ստոր.՝ ԲԿԺամկոչեան]
* * *
Բ. Կ. ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ B. G. JAMGOTCHIAN
Փ. Ա. 110495 B. P. 110495
ՊԷՅՐՈՒԹ – ԼԻԲԱՆԱՆ Tel. 239 382 BEYROUTH – LIBAN
[Պէյրութ,] 10 Նոյեմբեր 1975[cccvii]
Մեծայարգ պ. Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Յարգելի պ. տնօրէն,
Կրնամ խնդրել, որ ուսուցչի մը կամ ուսանողի մը միջոցով պատրաստէք
ա.- «Արարատ»ի 1961 եւ 1962 տարիներու հաւաքածոները:
բ.- «Երիտասարդ Հայաստան»ի այն հաւաքածոն, որ կը պարունակէ 1968-ի թիւերը:
Կարծեմ «Արարատ»ները առանձին կազմուած են, իսկ «Երիտասարդ»ները՝ խառն, այսինքն թերեւս 1967, 1968 եւ 1969-ի թիւերը կանոնաւոր չէին գար եւ ստիպուած կը միացնէինք:
Եթէ գտնուին, հաճեցէ՛ք պ. Յարութիւնին հետ ղրկել: Կը ջանամ մէկ կամ երկու օրէն վերադարձնել: Աճապարելու պէտք չկայ: Ժամանակի յարմարութեան նայեցէք:
Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն:
Յարգանքներով՝
[ստոր.՝ ԲԿԺամկոչեան]
Յ.Գ.– Գրքերս կարգի դնելու ատեն այս գիրքը երեւան ելաւ: Կը ներէք:
Նոյն
* * *
- JAMGOTCHIAN
- P. 495
BEYROUTH – LIBAN
[Պէյրութ,] 13 Փետրուար 1982[cccviii]
Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,
Աստ.
Փառք Աստուծոյ՝ հանգիստ ենք:
Շնորհակալութիւն «Ծուէն Ծուէն Երիզներ» հատորին համար որ բարեհաճած էիք նուիրել:
Ձեզի նման, ես ալ օր մը փախստական ապրած եմ: Թերեւս ուրիշներու կարգին թերթին յանձնեմ:
Տիկ. Հայկանոյշ Խուրիին պատմութիւնը ժամանակին թէ՛ մամուլի յանձնած էի (անշուշտ ո՛չ բանաստեղծական) եւ թէ՛ «Սահակեան» Մայրերու Միութեան կազմակերպած «Մայրերու օրուան» հանդիսութեան պատմած:
Որպէս ընկ. Գագիկ Օզանեանի[cccix] քենի ընտանեկան յարաբերութիւն ունէինք, իրարու կ’այցելէինք:
Դժբաղդաբար լիբանանեան «տաք» անհասկացողութիւններու շրջանին մեռած եւ թաղուած էր. մեզի լուր չէին կրցած տալ: Տիկ. Սոնիան պատահաբար յուղարկաւորութեան մը ատեն յայտնեց:
Արժէքաւոր տիկին էր. հողը թեթեւ:
Կրկին շնորհակալութիւն:
Յարգ[անքներով՝]
[ստոր.՝ ԲԿԺամկոչեան]
Յ.Գ.– Մոռցայ գրելու որ աղջիկը կ’ապրէր Համրայի մուտքին, աջ կողմի կողմնակի փողոցի մը մէջ: Հիմա լուր չունիմ։
Նոյն
* * *
- 43. Վարդան Ինկիլիզեանէն
[Հաւանաբար Ապու Տապի, 1980-ականներու կէս][cccx]
Երբ 29 Նոյեմբեր 1979-ին կը բանայի մինակս Սահակ-Մեսրոպ Կիրակնօրեայ Վարժարանը, նոյնիսկ գաղափարակիցներս քմծիծաղով դիմաւորեցին, ի մէջ այլոց՝ Գ. Ճերեճեան[ը]…[cccxi] Տասնեակ տարիներ մնացի մինակ, նոյնիսկ ռամկավար ընկերներս հեռացան… Սակայն խորունկ հաւատքիս մէջ շարունակեցի տիկնոջս[cccxii] ու Նորա քրոջը հետ, տիկ. Սոնա Պեզիրճեանի հետ:
Տասնամեակին միացան Անդրանիկը, Արամը եւ Վաչէն…
Անձս մոռցայ եւ բոլոր նիւթական օգնութիւն, նուիրատուութիւն կ’իջնէր Սահակ-Մեսրոպի ֆոնտին մէջ, ուրկէ կը սփռուի ամէն կողմ՝ Լիբանան, Սուրիա, Հայաստան, նոյնիսկ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի փրկութեան ֆոնտին:
Անցնող երկու տարիները ինձ համար եղան[cccxiii] ճակատագրական տարի մը․ միայն Աստուած գիտէր վիճակս եթէ ըսեմ՝ պիտի զարմանաք… Սակայն հաւատքով, յոյսով եւ սիրով շարունակեցի, մինչեւ իսկ օգնութեան բաժինը շարունակելով… եւ քանի յուսացողը պիտի վարձատրուի եւ քանի կը հաւատամ՝ մօտ ատենէն, Տիրոջ օգնութեամբ, պիտի վարձատրուի, նոյնիսկ անցեալը մոռցնել պիտի տայ ու մենք, մեր կարգին, պիտի իրագործենք մեր ուխտը եւ քնքուշ ու հազուագիւտ արձագանգի առիթները ընծայուի[ն] «Ուսանող» պարբերաթերթին մէջ՝ գալիք սերունդներուն օրինակ:[cccxiv] Ինչ որ տուի ուրիշին՝ ան մնաց… ծարաւ էի՝ յագեցուցիք, մերկ էի, անօթի էի, չէի կարող ուսանիլ…
Աղօթենք եւ յաջողի եւ գործադրենք:[cccxv]
Քրիստոսով՝
[ստոր․ Վարդան Ինկիլիզեան][cccxvi]
* * *
Ապու Տապի, 17 Դեկտեմբեր [19]92[cccxvii]
Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,
«Հաւատքն ու դրամը որչափով որուն քովն է
Միայն Աստուած գիտէ»:
Ե[ր]կրաշարժին մարդիկ եղան որ Լիբանան իջած ատենին իրենց նուիրատութիւնները ընել Drham[cccxviii] չվճարելու համար,[cccxix] եւ մարդիկ որ իմ տասնապատիկը ունին, ամչնալով մասնակցեցան այդ սրտաճմլիկ աղէտի չքաւորներուն համար, եւ եթէ զմեղաւորս չըլլար՝ Իմարաթի հաւաքուած գումարը Հայաստան չէր հասնէր. կա՛մ Քուէյթի մէջ պիտի կորսուէր, կա՛մ ալ Անթիլիաս իջնէր Հայր Օշականի[cccxx] խողովակով:
Սիրելի Պէպօ,
Նամակդ առիթ պատճառեց մի քիչ զրուցելու. նոյնիսկ անցեալէն շատ բաներ կան ըսելիք: Գուցէ մի օր կը հանդիպինք ու երկա՜ր կը զրուցենք:
Ինչպէս յիշեցի, «Սահակեան»ը, նրա ճակատամարտող տիպար տնօրէնը, գրագէտը, գործուն[cccxxi] ազգայինը վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց…
Ինչպէ՞ս մոռնալ՝ դա անկարելի բան է… երբեմն ժամանակները դրութիւնները չեն արտօներ, սակայն դա ըսել չէ թէ մոռացութեան փուլին մէջ մտաւ…
[ստորագրութիւնը կը բացակայի][cccxxii]
* * *
- Զորա Իսկենտէրեանէն
[հաւանաբար Երեւան,] 11 Յունիս 1986[cccxxiii]
Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի Ֆոնտի Վարչութեան,
Սիրելի բարեկամներ, ՝
Կը ցաւիմ որ չեմ կարողացած որեւէ ձեւով կապ պահել ձեզի հետ:
Մուսա Լեռան Հայրենակցական Միութեան կենտրոնի ատենապետ իմ հարազատներէն Հայկ Մարտիրեանէն խնդրած էի որ հարիւր տոլար գումար մը յանձնէ ձեզի` ձեր նպատակին գործածելու համար: Կը յուսամ որ մինչեւ օրս կապ պահած եւ յանձնած ըլլայ ձեզի սոյն գումարը. եթէ ոչ՝ հաճեցէ՛ք կապ պահել իրեն հետ եւ ստանալ իմ կողմէ ձեզի վճարուելիք հարիւր տոլարի գումարը եւ արդիւնքը իմացնել մեզի:
Ձեր գործերուն յաջողութեան մաղթանքներով,
Զորա Իսկանդարեան[cccxxiv]
* * *
[Երեւան, հաւանաբար 1970-ականներու վերջ][cccxxv]
Իմ վաղեմի ծանօթ եւ մտերիմ
Գաղափարակից, թանկագին
Ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Ամէն բանէ առաջ պիտի խնդրէի Ձեզմէ որ գրութեանս մէջ սպրդած սխալներուն ներողամիտ աչքով նայիլ քանի որ տեսողութեանս տկարութեան պատճառով շատոնց է որ զրկուած եմ գրելու եւ կարդալու հաճոյքէն:
Ձեր անունը յիշելուս մօտաւորապէս կէս դար հեռուն կ’երթամ եւ նորանոր դէպքեր ու դէմքեր կը տողանցեն աչքիս առջեւէն, սակայն սրտանց կը փափաքիմ թղթակցութիւն պահել Ձեզ[ի] հետ ինչ որ սնունդ պիտի ըլլայ ինձ համար:
Եղբօրս՝ Յաբեթ Իսկենտէրեանի[cccxxvi] «Քերթուածներ Եւ Արձակ Էջեր» հատորէն[cccxxvii] եօթանասունհինգ օրինակ յանձնած էի ժամանակին կուսակցութեան Պէյրութի գրադարանին, կը յուսամ որ օրինակներ մնացած ըլլան տակաւին ձեր մօտ, իսկ իմ «Յուշեր Պատմութեան Համար» գրքէն օրինակներ նոյնպէս յանձնած էի ժամանակին գրադարանին եւ խմբագրութեան:
Շատ ուրախ պիտի ըլլայի եթէ կարենայիք ինծի իմացնել մեր պատուական եւ գաղափարակից եւ սիրելի Ճամպուլեանի մասին: Գիտեմ անիկա հակառակ է եղած միշտ ագահներու. հիմա իր շրջապատէն սկսեալ մինչեւ Ա[յ]նճար կծ[ծ]իներով շրջապատուած ըլլալ[ը] կը լսեմ, ի՞նչ կը խոր[հ]ի Ճամպուլեանը անոնց մասին:
Նմանապէս կ’ուզեմ տեղեակ ըլլալ մեր պատուական ընկեր Կիրակոս Տօնիկեանի եւ որդի[ի]ն՝ Փարամազի մասին: Այս բոլորէն վեր մասնաւոր խնդրանք մը ունիմ Ձեզմէ, այն է «Դրուագներ Սուէտիոյ Անցեալէն»[cccxxviii] մեր շատ թանկագին Միհրան Սեֆերեանի[cccxxix] գրքոյկէն ինչ որ ժամանակին որպէս թերթօն հրատարակուեցաւ «Արարատ»ի մէջ: Կ’ուզեմ անկէ օրինակ մը ճարէք ինծի ինչպէս նաեւ մեր այս ընկերը երգարան մըն ալ հրատարակած էր ուր հոն կար երգ մը:
- Հնչիր դու հնչիր աննման հնչակ
- Քո ժիլ ժիլ ձայնով ղօղանջով ուժգին
- Հնչիր արթնցուր դու քնածներին
Տարածիր [ա]մէն վայր մեր վեհ նպատակ
Նոր կեանք է տալիս մեզ հոգի կորով
Քո վառ հնչիւնիդ մէն մի ելեւէջ… եւ այլն:
Ասոնց համար ինչ ծախս որ երթայ՝ պատրաստ եմ աւելիով վճարելու:
Դեռ շատ բաներ ունիմ գրելիք: Այս անգամին այսքանով կը բաւականանամ հետագային՝ իմ առաջին անգամ Արսէն Կիտուրի[cccxxx] հետ իմ առաջին տեսակցութիւնը 1926-ին Քերքուք եւ Շախլաւա[cccxxxi] եւ մանրամասնութիւններ:
Սպասելով Ձեր դրական պատասխանին եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով, միշտ Ձեզ[ի] հետ
Զորա Իսկենդերեան
Յ.Գ.– Սիրելի Պէպօ, կը ցաւիմ որ Ձեր ճշգրիտ հասցէն չունիմ: Հաճեցէ՛ք ապահով հասցէ մը ղրկել ինծի:
Զորա
* * *
- Լեւոն Վարդանէն
HAIGAZIAN COLLEGE
MEMORANDUM
TO պր․ Պէպօ Սիմոնեան
FROM Լեւոն Վարդան
[Պէյրութ,] 14 Օգոստոս 1992[cccxxxii]
Պրն. Պէպօ Սիմոնեանին,
Սիրելիս,
Ահաւասիկ յօդուածիդ բնագիրը՝ ըստ խոստումիս: Քիչ ետք պիտի աշխատիմ ծանօթագրութիւններուն վրայ: Կարդացի գործը մինչեւ տուն հասնիլս: Ինծի կը թուի, թէ քանի մը տեղ բառերու տեղի շրջափոխութիւն պիտի ընեմ, եւ քանի մը տեղ ալ՝ մէջբերումները պիտի ընդելուզեմ քու խօսքին: Կը մտածեմ նաեւ վերնագիրին ներքեւ գտնուող մէջբերումը մերել յօդուածին. ի՞նչ կ’ըսես: Սակայն այս մէկն ընելէս առաջ՝ կը տեսնուիմ քեզի հետ:[cccxxxiii]
Սիրով՝
[ստոր․` Լեւոն Վարդան[cccxxxiv]
* * *
Պէյրութ, 29 Մարտ 1993[cccxxxv]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ,
Ի վերջոյ, ամիսը չաւարտած, կը գրեմ քեզի, թէպէտեւ նամակին մասին խօսեր էի նախապէս, ու կը թուի թէ, քու կարգիդ, անակնկալի մը եկած, հարց էիր դրեր վարդապետին,[cccxxxvi] եւ ան ալ տուեր էր որոշ բացատրութիւն մը քեզի:
Ճի՛շդ, շա՛տ ճիշդ:
Շնորհակալութիւն՝ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին բերած աշխատակցութեանդ մասին, թէպէտեւ հոն տպուած յօդուածը կրնար ա՛յլ տեղ ալ տպուիլ: Գոնէ այդպէս իմացայ այլ տեղէ. ճի՞շդ եմ: Ինչ որ ալ ըլլայ տպագրութեան հարցը ……..[cccxxxvii] որ Մենքի[cccxxxviii] այդ երեսը կ’առնէր վեր: Այժմ կ’ենթադրեմ, որ անհրաժեշտ է որոնել այդ երեսին արմատները ֆրանսական եւ այլ գրականութիւններուն մէջ: Տակաւին ո՛չ մէկը մեր մէջ հաճեցաւ ընել այդ մէկը, գուցէ ա՛յն պատճառով, որ մեր մէջ քիչեր գիտեն ու ծանօթ են երեսունական թուականներու արեւմտեան գիր ու գրականութեան – լեզուներու գիտութեան ուսումնառութեան թերի՞ն: Ո՞վ գիտէ:
Յաճախ մտածեր եմ մեր բոպիկութեան մասին, մեր անընթերցասիրութեան մասին, եւ մանաւանդ՝ մեր խե՛ղճ ամբարտաւանութեան մասին. ինչո՞ւ ենք այսպէս: Աս մէկը փոքր ժողովուրդներու եւ պզտիկ մարդերու յատկանիշն է – ինքնագոհ ենք եւ ինքնաբաւ, ու մեզի կը պակսի իմացականը հակառակ որ մեզմէ քիչե՛ր են որ մարդկայնութեան (հիւմանիզմի) թեքում ունին: Լա՛ւ ճարտարապետ ենք, լա՛ւ բժիշկ, այսօր՝ լաւ համակարգիչ, եւ այլ՝ այլ բաներ, իսկ մի՞տքը, իմացակա՞նը, որոնք պիտի վեր հանէին մեր հոգեկանը, դարերու ամբարած մեր գեղն ու շնորհը, մեր արժէքներն ու արժանիքները:
Ո՞վ պիտի գործածէ իր ուղեղը … վասն գեղին ու շնորհին, վասն մնայունին եւ ոչ գնայունին, վասն հոգիին եւ խիղճին, վասն իմացականին եւ մասամբ նոցինին:
Ամէն անգամ երբ հանդիպիմ գեղի ու գեղեցիկի, միտքի եւ իմացականի նշոյլի մը որեւէ էջի մէջ, եւ ո՛րեւէ մէկէն, խանդավառութիւնս կը մեծնայ ու կ’աճի. իսկ որքան քիչ են այս քաջերը այս օրերուն: Յօդուածդ զիս մղեց մտածելու, իսկ այդ մտածում[ը] արտայայտելու համար այդքան քիչ է ժամանակ[ը]…
Հիմա վազքի մը մէջ եմ, եւ ուրախանալու առիթներն այդքա՛ն են սակաւ: Ըսէ՛, սիրելի՛ս, ո՞վ պիտի առիթը տար մեզի ուրախութեան ու խնդուքի բացի ……..[cccxxxix] կեղծ կոչնականները:
Ահաւասիկ սա քիչերն են որ պիտ դառնան թաւալող անիւը ազգային, գեղարուեստական ու մշակութային մեր գոյութեան, եւ յառաջ տանին մեզ որպէս դարերէն եկող ու դարերուն մեկնող հանրութիւն: Գնահատանքն այդ քիչերուն ո՞վ պիտի կատարէ: «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի խմբագրութիւնը, համախորհուրդ Գոլէճի ղեկավարութեան հետ, որոշած է գէթ փոքր չափով մը գնահատականի զարնել մեր միտքի ու գրիչի մարդերը, մեր աշխատակիցները: Վստահ կրնաս ըլլալ, որ գիտակից ենք, որ մեծ բան մը չէ զոր կը կատարենք եւ մեր գնահատականը չէ՛ այն ինչ որ պիտի ուզէինք որ ըլլայինք ըրած: Անձնապէս չէի[՞] ուզեր որ մէկի տեղ կարենայինք հատուցել տասնըմէկ եւ տասնմէկի փոխան՝ հազարներ: Ներփակ պիտի գտնես հարիւր տոլար մը: Գիտեմ որ շատ չէ, սակայն մեր մեծերը ըսած են – զիս յիշէ, եւ թող այդ մէկն ըլլայ փուճ ընկոյզով մը (սա թրքերէնէ թարգմանութիւն մըն է):
Խմբագրութեան վերջին հանդիպումին պարտականութիւն տրուեցաւ ինծի կրկի՛ն դիմել մեր աշխատակիցներուն, հին ու նոր, եւ խնդրել անոնցմէ իրենց գործերը Հանդէսի յաջորդ համարին համար: Գիտեմ որ գերզբաղ ես, գիտեմ, սակայն, որ պիտի չուզէիր լուռ մնալ: Երանի թէ կարենայինք: Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրեմ քեզի: Կրնայի այս բաներն ըսել բերանացի ալ: Սակայն թող ըլլայ նաեւ գրաւոր:
Աշխատակցութիւնդ կը սպասենք մինչեւ աւարտը Մայիսին կամ սկիզբը Յունիսին: Նիւթը կը մնայ քեզի: Էջաթիւերը՝ տպագրական 25-30 էջի սահմանին մէջ: Եղա՞ւ:
Այս թուղթին հետ քեզի կը ղրկեմ օրինակ մըն ալ տարեգիրքի 1992-ի համարէն:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
[ստոր.՝ Լեւոն Վարդան]
* * *
Պէյրութ, 20 Դեկտեմբեր 1996[cccxl]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ Սիմոնեան,
Արտօնէ՛ որ սա քանի մը տողով գամ համբուրելու լուսաւոր ճակատդ, զոր այդքան երկար ատեն հակած պահեցիր գրչին վրան ու գրականութեան, եւ անոնց հետ նաեւ այն միւսներուն, որոնք յաճախ առնչուած մնացին աստանդական ինկած մարդու մեր կեանքին ու առօրեան յուշող հարցերուն, եւ մանաւանդ՝ նոր ժամանող սերունդին: Իրաւ է, որ այժմ մամուլի մեր էջերէն ձայն կու տայ քիչ մը գրիչ բռնող ամէն մարդ, առանց սակայն յաճախ գիտնա՛լ իսկ փորձելու թէ ինչո՞ւ:
Գիրն ու գրականութիւնը, միտքի պեղումը եւ հոգիի ազնուացումը, սիրտի ներքին թրթիռներուն վերբերումը եւ անոնց միջոցով ռահահորդ[cccxli] ըլլալու իրաւունքը գործը չեն մեզմէ շատերուն, սակայն մեր շարքերէն ներս որքա՛ն կան մարդիկ որոնք թառած վերերը քիւ ու ցուիքի՝ կը կրկչան օր ու գիշեր եւ կը նկրտին խօսք ունենալ կեանքի մեր արահետներու բոլոր արտայայտութիւններուն մասին, ու ներկայանալ, ոչ՝ իրենք զիրենք ներկայացնել առաջնորդ ու ղեկավար, եւ պատասխանատու եւ իրաւասու, մինչդեռ անոնց բոլորն ալ անհրաժեշտ էր որ իջնէին վար իրենց թառերէն, ըլլային հետեւորդ, կամ, առաւելագոյն պարագային, մարզադաշտերու վրայ ծափահարող ամբոխ:
Դուն սակա՜յն: Ունեցա՞ր որեւէ թառ, որուն գագաթէն ձայնէիր մարդերուն: Կը փորձեմ քննել անցած ուղիդ ու չեմ գիտեր, եւ հարց կու տամ ինքզինքիս – ինչո՞ւ: Հիմա որ ոմանք կը փորձեն կայք մը ցոյց տալ քեզի «Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն» գործիդ նոր լոյս ընծայումին առիթով եւ առ այդ պատուել քեզ նորաստեղծ «Վերածնունդ» մրցանակով, կը գիտակցի՞ն արդեօք որ ուշացած, շա՛տ ուշացած պարտք մըն է որ կը կատարեն, ի՞նչ փոյթ որ ոմանք համաձայն չըլլան հատորիդ բովանդակած մանկավարժական, ընկերային եւ հոգեկան ու հոգեբանական կարծիքներուդ: Ըսէ՛, յամեցած չե՞նք մեծարանքի մեր աճապարանքին մէջ, մեծարանքի մը, որուն մնացիր լիովին արժանի եւ զոր մարդիկ, յաճախ գիտակցօրէն, մերժեցին քեզի: Իսկ դո՞ւն: Սակայն ե՞րբ եղար հետամուտ անոր: Գէթ քչիկ մը սորվէիր ուրիշներէն: Հո՛ս է յանցանքը, սիրելիս: Լաւ ուսանող մը չեղա՛ր այս ուղղութեամբ, ու երբ անարժաններ հասան գագաթները՝ դուն, արժանաւո՛րդ, մնացիր վարերը: Համբերութիւնը միշտ դրական չէ,՛ փորձո՛վ գիտեմ այս մէկը:
Տո՛ւք պատիւս արժանաւորաց՝ կ’ըսէ մեր ժողովուրդը, իսկ ուշացած եւ յամեցած պատի՛ւն ալ պատիւ մըն է վերջապէս:
Սակայն վարկն ու պատիւն անոնցմէ՛ միայն, որոնք ունին փաստն անոնց տէրն ըլլալուն եւ իրաւունքը զայն պահանջելուն, ի՜նչ փոյթ որ չպահանջեն զայն բարձրաձայն: Այդ իրաւունքը չի՛ տրուիր ձրի կերպով եւ ո՛չ ալ կը շնորհուի ողորմածութեամբ: Անոնց համար անհրաժեշտ են արարքը, գործը, հոգիին արտայայտութիւնը եւ միտքին յղացքը, իսկ զանոնք կը գտնեմ սա գործիդ մէջ: Որքա՛ն քիչ է թիւն անոնց, որոնք ունին մտահոգութիւնը այս գործովդ տրուած հարցերուն:
Դժուար, շա՛տ է դժուար մարդակերտումը, այնքան եւ գուցէ աւելի՝ հայակերտումը, իսկ որքա՛ն շատ են այդպիսի աշխատանք կատարողները քննադատողները՝ յանուն գաղափարի, իրաւունքի եւ ճղճիմութեան:
Սիրելիս, այս առիթով պիտի չուզէի մատչիլ ազգային եւ ընկերային, իմացական եւ հոգեկան, բարոյական եւ կրթական մեր ցաւերուն, սակայն, ահաւասիկ, ակամայ կերպով ինքզինքս կը գտնեմ մօտեցած անոնց: Ո՛չ, պիտի չուզէի, այլ պիտի նախընտրէի գալ եւ մարդու եւ գրիչի երէց եղբօր անխարդախ համբոյրով մը հպիլ ճակատիդ եւ մաղթել քեզի լաւագոյն[ը] օրերուն, ամէնէն բերրին ճիգին եւ աշխատանքին, եւ ամէնէն խորունկը օրերուդ ընթացքին բանալիք ակօսներուդ, որպէսզի անոնցմէ ներս նետուելիք հատիկները միտքին եւ իմացականութեան, սիրտին եւ հոգիին, ըլլային արգասաւոր եւ վաղուան հաշուոյն ծնէին նոր ծիլ ու գարուն:
Հիմա, երբ ակամայ կերպով կը մնամ հեռու գիրի եւ միտքի սա խնճոյքէն, կը փորձեմ լիովին ապրիլ պահը եւ ուրախանալ այն բոլորին հետ որոնք տակաւին կը հաւատան գեղեցիկին ու շքեղին, լուսաւորին ու պայծառին, լաւին ու բարիին, եւ դրականին ու օգտաւէտին, եւ մանաւանդ՝ հայութեան եւ մեր գոյութեան ու լինելիութեան առհաւական միա՛կ հանգրուանին՝ մեր հող հայրենիին:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Պէպօ:
[ստոր.՝ Լեւոն Վարդան]
* * *
- Ց. Խաչատրեանէն
[հաւանաբար Երեւան,] 20 Դեկտեմբեր 1962[cccxlii]
Սիրելի Պէպօ,
Շնորհաւորում եմ Ձեր Նոր Տարին, ցանկանում եմ առողջութիւն եւ գրական ու մանկավարժական բեղմնաւոր գործունէութիւն:
Ստացայ բացիկդ եւ կարդացի «Արարատ»ի յօդուածդ․[cccxliii] գոհացուցիչ էր: Որպէս իմ ամենակրտսեր բարեկամ եւ սրտամօտ մարդ, քեզ խնդրում եմ, որ այս բացիկները յանձնես տէրերին եւ իմ կողմից շնորհաւորես նրանց Նոր Տարին:
Յարգանքներով եւ սիրով՝
[ստոր.՝ Ց. Խաչատրեան]
.
* * *
- Ալիսիա Կիրակոսեանէն
ԱԼԻՍԻԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
[Կլենտէյլ], 23 Ապրիլ 1986[cccxliv]
Շատ սիրելի Պէպօ,
Ստացած եմ Նոր Տարուան առթիւ գրած նամակդ: Գրած յօդուածիդ համար անչափ ուրախացայ: Սքանչելի էր: Այնպիսի խորունկ վկայագիր մըն էր որ քանի մը տողեր արտատպեցի՝ կենսագրութեանս էջերուն գումարելու համար:
Նոր յղացումներու մաղթանքներդ հասան: Շուտով լոյս կը տեսնէ ամբողջովին հայերէնով գրած գիրքս, «Խորան» վերնագրով,[cccxlv] եւ ձայներիզ մը իմ ընթերցումով:
Իրաւունք ունիս. երբ տեղ մը հասած ես, կեանքը շատ դժուար է: Մարդիկ չեն ներեր որ դուն ես այն յատկութիւններուն տէրը զորս իրենք կը փափաքէին ունենալ, եւ անվերջ մաղձ կը թափեն:
Մէկ ամիսէն Հայաստան կ’ըլլամ: Պետութիւնը որոշած է ծննդեանս յոբելեանը նշել Մայիս 18-էն Յունիս 5: Երանի հոն ըլլաս:
Այս ամառ կը ծրագրեմ թարգմանչական աշխատանքներս շարունակել (հայ բանաստեղծները՝ սպաներէնով) հատորի մը համար: Պէտք ունիմ որ ղրկես բոլոր քերթուածներդ որպէսզի ընտրութիւնը կատարեմ:
Սրտի ջերմութեամբ համբոյրներ քեզ[ի] եւ սիրելի Ազատուհիին:
[ստոր․՝ Ալիսիա]
950 Avonoak Terrace, Glendale, California 91206
* * *
- 48. Սարգիս Յ. Կիւլլիւճեանէն
Պուէնոս Այրէս, 19 Ապրիլ 1990[cccxlvi]
Սիրելի պրն. Պէպօ Սիմոնեա՛ն,
Պէյրութ.
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի: Ամէն:
Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը կը մաղթեմ Ձեզի եւ սգակիր Ձեր հարազատներուն:[cccxlvii] Մասնաւոր ցաւակցութիւններս Գրիգորի այրիին եւ դուստրին:
Կարդացի սիրելի Գրիգորին դառնաղէտ մահուան գոյժը «Սարտարապատ» թերթին[cccxlviii] մէջ: Տոքթ. Գրիգոր Գալայճեանը նախ երբեք չկրցայ կռահել թէ Սահակեան Լիսէի մեր սիրելի աշակերտն է: Նամանաւանդ՝ չէի գիտեր որ բժիշկ եղած է: Հեռաձայնով ստուգեցի Ձեզի քաջածանօթ հնչակեան ղեկավարէ մը՝ ճշդելու համար ինքնութիւնը հանգուցեալին: Ան հաստատեց կասկածիս իրականութիւնը:
Նախ, չէի գիտեր ի՞նչ ձեւով հասցնել մխիթարական խօսքերս Ձեզի: Չէի գիտեր Ձեր հասցէն: Ոչ ալ ուրիշ մերձաւորի մը: Վերջապէս, գիշերը, անկողինիս մէջ, միտքս եկաւ տիկին Անի Վարուժան Սաչլեանը – Յարութիւն եղբայրիս դուստրը – որ Ձեր մօտ կը պաշտօնավարէ:
Ուստի, անոր հասցէով ուզեցի գրել: Երբ կամեցողութիւնը անկեղծ է, ամէն բան կարելի կը դառնայ: Վստահ եմ թէ Ձեր ձեռքը պիտի հասնի ցաւակցական-մխիթարական նամակս: Եթէ լիբանանեան վայրագ կռիւները արգելք չըլլան:
Վերյիշեցի Սահակեան Լիսէի երջանիկ օրերը: Երբ որ ամէն բան լաւ էր, գարունը իր քաղցրաբոյր ծաղիկներով ու վարդերով կը զարդարէր գեղեցիկ, եդեմանման Լիբանանը:
Գրիգորը սիրելի աշակերտներէս էր – համեստ, լուռ, կարգապահ, բարեկիրթ եւ ազնիւ: Չեմ յիշեր իր որեւէ վշտառիթ դիրքն ու ելոյթը: Գիտութեան եւ բարոյագիտութեան դասախօսն էի: Չեմ յիշեր ո՞ր տարին բաժնուեցանք իրարմէ:
Ուրախ եմ, որ բարձրագոյն ուսումի – տոքթորութեան – աստիճանին տիրացեր է: Ամուսնացած է: Զաւակ ունի: Ազգին ծառայող մը եղած է: Ափսո՜ս, որ շատ կանուխ մեկնած է աշխարհէն:
Անողորմ է մահը, անծանօթ է իր այցելութեան ժամը: Կը մտնէ ամէն տուներէ ներս: Կը խլէ ու կը տանի, կ’այրէ ու կը լացնէ դառնօրէն: Անոր հրկիզող այցելութիւնը զգացի, ապրեցայ հայրիկիս մահուան օրը 1949-ին, եղբայրներուս մահը՝ 1976-ին եւ 1983-ին:
Մարդկային խորհելակերպով անկարելի է խելամտիլ մահուան ու չափել անոր պատճառած մտավախութիւնն ու խոր թախիծը: Միայն քրիստոնէութիւնն է որ արագասոյր կը փութայ բալասան ու սպեղանի հանդիսանալ, լուսաբանել եւ մխիթարութեան սիւքն ու զեփիւռը շնորհել խեղճ ու մտամոլոր մարդկութեան: Զուր չէ՛ որ ամէն տարի, ցնծութիւնով կը տօնենք Քրիստոսի սուրբ Յարութեան տօնը եւ լիաշունչ ուրախութիւնով աւետիս կու տանք եւ կ’ըսենք. ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ: Այս բարի լուրի[ն] փոխանցումը կը փոխադրէ հաւատացեալ մարդը հոգենորոգ եւ սքանչելի յոյսի յորդառատ շտեմարաններ, եւ յետմահու գոյութիւն ունեցող անտարակոյս կեանքը: Այդ կեանքին անխափան իրականութիւնը արտայայտեց ու հաստատեց Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ ըսաւ. «ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԸ։ Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»: Իր սրտահատոր եղբայրին – Ղազարոսին – սրտակեղէք մահով կսկծացող քոյրիկին՝ Մարթային ըսաւ Յիսուս. «Մարթա՛, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես: ՔՈՒ ԵՂԲԱՅՐԴ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԱՌՆԷ»:
Մեծ փիլիսոփան՝ Պօղոս Առաքեալ, կը գրէ. «Եթէ միայն այս կեանքին համար յուսացեր ենք Քրիստոսի, բոլոր մարդոցմէ աւելի խղճալի ենք» (Ա Կորնթ. ԺԵ. 19):
Իմաստուն, լուսամիտ, խորաթափանց տրամաբանութիւնով օժտուած մարդը չի կրնար եզրափակել, թէ կեանքը մարմնի մահով կը վերջանայ: Կեանքը զոր այժմ կ’ապրինք, լոկ շուքն է յետմահու իրական կեանքին, ուր ամէն ցաւ, վախ ու մահ, հոգ ու սպանդ վերջ պիտի գտնեն: Տեղի պիտի տան լուսափայլ արշալոյսներու, ուր գոյութիւն պիտի չունենայ վերջալոյսը:
Այդ կեանքին, յոյսին, երանութիւնով ու խաղաղութիւնով լեցուն, Տուիչը Տէր Յիսուս Քրիստոս է, որ մեռաւ խաչին վրայ իմ ու Ձեր փրկութեան համար ու քաւութիւն կատարեց բոլոր մարդերուն մեղքերուն համար: Թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ ու կնքեց մեր անկասկած փրկութիւնը: Անհուն փա՜ռք ըլլայ Իր սուրբ անունին:
Կը հաւատա՞ք, կ’ընդունի՞ք Յիսուսը ձեր անձին փրկիչը, Տէրը: Ան Որդին է Աստուծոյ: Գեղեցիկներուն գեղեցիկը, հանճարին ու իմացականութեան ակունքը: Բանաստեղծութեան ու արուեստի պարգեւատուն: Երանի՜ է Ձեզի եթէ կը հաւատաք սրտով ու հոգիով:
Իւրաքանչիւր գոյժ, իւրաքանչիւր զարկը տխուր կոչնակի, հրաւէր մըն է մեզի պատրաստուելու երկնային, փառաւոր երջանիկ կեանքի: Զգո՜յշ, սոսկալի է ունկնխից ըլլալ այդ փրկութեան ու սիրոյ հրաւէրին: Կա՛յ տանջանքի վայրը նաեւ, ուր պիտի երթան Աստուծոյ Որդին մերժողները:
«Բայց որոնք որ զԻնք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն (տրուեցաւ)-տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան Իր անունին» (Յովհ Ա 12):
Յաւակցութիւններս նաեւ Ձեր քոյրիկին՝ իր երկու սրտահատորներուն ռմբահարումին համար: Աստուած ողորմի եւ մխիթարիչը ըլլայ իրեն: Սոսկալի բան է կորսնցել երկու զաւակ միանուագ: Իմ մասնաւոր բարեւներս հաղորդեցէ՛ք իրեն:
Մասնաւոր բարեւներս ու յարգանքներս տիկին Ազատուհիին, համբոյրներս Ձեր անուշիկ զաւակներուն, նաեւ Ձեզի:
Մասնաւոր բարեւներս ու ցաւակցութիւններս պրն. Հրանդ Գանգրունիին՝ իր քեռայրին՝ պրն. Վարդանին, սոսկալի մահուան առիթով: Շուտափոյթ խաղաղութիւն Լիբանանին եւ Հայաստան աշխարհին ու Արցախին: Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու պահպանութիւնը ձեր հետը ըլլայ յաւիտեան: Ամէն:
Մնամ ձեզի համար միշտ աղօթող, սիրով՝
Սարգիս Յ. Կիւլլիւճեան[cccxlix]
[ստոր․՝ Սարգիս Յ Կիւլլիւճեան]
* * *
- Վիգէն Կիւլվարդեանէն
VICKEN GULVARTIAN, Pharm. D.
1155 North Brand Boulevard, Suite 703, Glendale, California 91202 818/548-1258
Լ[ոս] Ա[նճելոս,] 26 Դեկտ[եմբեր] 1989[cccl]
Ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ, Լիբանան.
Սիրելի ընկեր,
Այս տարին չվերջացած լաւ առիթ եղաւ այս երկտողը Ձեզի գրելու. մէկ ժամէն Պէյրութ մեկնող կայ, հապճեպով կը գրեմ ինչ որ կարելի է գրել այս կարճ ժամանակամիջոցին:
Նախ Ձեզի եւ Ձեր ընտանիքին կը մաղթեմ խաղաղ Նոր Տարի մը եւ ուրախ Ծնունդ:
Անցնինք մեր կարեւոր նիւթին – հարցը կը կայանայ «Սահակեան»ի համար հանգանակուած 5000 տոլարին [մէջ]: Ինչպէս Ձեզի մանրամասնած էի, այդ դրամահաւաքը զուտ իմ նախաձեռնութիւնս էր՝ իմ ընտանիքիս անդամներու բարեկամներու եւ հարազատ հայրենակիցներու շնորհիւ:
Իմ ծրագիրս էր 1989-ին իմ ամուսնութեանս առթիւ Պէյրութ գալուս այդ դրամը յանձնել անձամբ Ձեզի եւ այդ առթիւ կազմակերպել հաւաք մը կուսակցական ընկերներով եւ հոգաբարձական ընկերներով: Նաեւ իմ ծրագիրս էր այդ գումարը կրկնապատկել: Ապրիլին չիրականացաւ իմ փափաքս, սակայն միշտ ի զօրու է:
Իմ մտավախութիւնս հետեւեալն է – չպիտի թոյլատրեմ որ այդ դրամահաւաքը մարդիկ այդ աշխատանքը անտեսելով եւ մեր միջեւ գոյացած հասկացողութիւնը եւ գործակցութիւնը անտեսելով յաջողութիւնը իրենց վերագրեն…
Բնաւ ուզելով չէր որ այդ գումարը յանձնեցի տոքթ. Ա. Գազանճեանին, սակայն հօրս պնդումովը ընդառաջեցի՝ նկատի ունենալով դպրոցին անձուկ վիճակը:
Հետեւաբար Ձեզմէ մի քանի խնդրանքներ ունիմ:
Նախ կը փափաքիմ որ այս աշխատանքին մանրամասնութիւնները Դուք խմբագրէք եւ տաք «Արարատ» օրաթերթին, շեշտը դնելով Լ. Ա.ի Հ. Կ. Բ. Մ.ի դերին եւ իմ անձնական ջանքիս վրայ, եւ գնահատանքը սոյն գործի յաջողութեան կապակցութեամբ, միշտ յոյսերը բարձր պահելով որպէսզի այս ծրագիրը շարունակական ըլլայ շնորհիւ Ձեր եւ իմ միջեւ հաստատուած բարեկամական փոխադարձ հաւատքի եւ վստահութեան: Նաեւ կը խնդրեմ որ շնորհակալական նամակները որ պիտի ուղարկէք իւրաքանչիւր հոգատարին (sponser), չզլանաք եւ չուշացնէք: Այս վերջինը իմ գործս մեծապէս կը դիւրացնէ գալիք աշխատանքներուս մէջ:
Կը ներէք իմ համարձակութեանս, սակայն քիչ ժամանակի մէջ շատ բան ըսել ուզեցի:
Յաջողութիւն Ձեր ազգանուէր աշխատանքին: Կը սպասեմ Ձեր լաւ լուրերուն:
Ընկերաբար՝
[ստոր․՝ Վիգէն]
* * *
- Յովհաննէս Հաննէսեանէն
«ՇԻՐԱԿ» ՏՊԱՐԱՆ.ԳՐԱՏՈՒՆ.ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ
SHIRAK PRINTING & BOOKSTORE. PUBLISHING HOUSE
4960 Hollywood Boulevard, Los Angeles, California 90027 Phone (213) 667-1128
Լ[ոս] Ա[նճելոս,] 17 Նոյ[եմբեր] 1986[cccli]
Սիրելի Պէպօ,
Ստացայ Հոկտ. 21-ի տխուր նամակդ: Գրութեան ընդմէջէն կը տողանցէին մարդիկ, որոնք ծանօթ են ինծի: Քեզի ալ ծանօթ էին անոնք, բայց այսօր, գուցէ որքա՜ն դառնացած ես, որ լուսարձակ կը բանաս իրենց էութեան վրայ: Զարմացնողը սիրելի ու խելացի բարեկամի մը տիկինն է:
Յիշեալ նամակով կը հաստատես ներկայութեանս բարերար դերը քու նկատմամբ: Ես կ’աւելցնեմ, նաեւ այլ բազում հարցերուն մէջ, մինչեւ այն օրը, երբ որոշեցի հեռանալ… առանց կապերս կտրելու:
Բայց մարդուն մէկը, եւ գուցէ այլք, երջանկագոյն օրը ապրեցան իրենց: Գիտէի…: Քանի մը ամիս ետք ստացայ «Շնորհակալիք»ի նամակս, որպէս հաստատագիր մեկնումիս, չըլլայ թէ վերադառնամ: Խեղճեր… հոգիով ու մտքով աղքատներ, կարծես վարչական ա՛յդ խաղը, իրենց ընելիքը վրիպած ըլլար ինձմէ՝ ի յառաջագունէ:
Մեկնումովս մէկ բան կրնամ պաշտօնապէս հաստատել, թէ ես շահեցայ, բայց համոզուած եմ, որ Միութիւնը[ccclii] բան մը կորսնցուց:
Խղճի հարց էր հեռանալու որոշումս, որ միշտ կ’ուշացնէի: Շրջապատի մարդոց «մեծութիւնը» իրենց հասակով չէի չափեր, այլ մարդկային փոխյարաբերութեան, հոգիի մեծութեան կշիռով, որոնք թեթեւ կու գային:
Հո՛ն, ուր մարդը մարդուն դէմ պայքարելու, գերակշռութիւն հաստատելու համար կ’ուզէ արդարացնել իր ներկայութիւնը հաւաքական կեանքէն ներս… ես չկամ: Հո՛ն, ուր ժամանակը կը վատնուի գործակից ընկեր մը չէզոքացնելու, մոռցած՝ միութեան մը նպատակը… ես չկամ:
Կ’ուզեմ ըլլալ հո՛ն, ուր կարելի է ընել դրական գործ, հետապնդել նպատակ՝ Միութեան ընկերներու հաւաքական գործակցութեամբ: Փորձ մը եւս կ’ընեմ Լոս Անճելըսի մէջ, դարձեալ հաւաքականի հաշուոյն, հեռո՜ւ իմ եւ ոեւէ անձի ցուցահանդէսի վերածելու որեւէ Մարմին:[cccliii]
Ես նոյնն եմ հո՛ն ալ, հո՛ս ալ: Բայց շատ ժամանակ չունիմ մարդ ուղղելու: Ճիգերս եթէ շուտով արդիւնաւորուին, լա՛ւ, այլապէս ընելիքներս այնքան շատ են, որ կեանքս կարճ կը թուի: Անշահ, երկրորդական դէմքերով ու կեղծ դերասաններով զբաղելու ժամանակ չկայ:
Լսեցի թէ կազմակերպած էք յիշատակի հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Բ. Ժամկոչեանին: Թէ՛ Սօսին[cccliv] եւ թէ՛ ես ուրախ պիտի ըլլայինք եթէ ներկայ գտնուած ըլլայինք: Եթէ կազմակերպողը դուն ըլլայիր, ապահովաբար մաս կրնայի կազմել այդ հանդիսութեան, բայց եթէ ուրիշներ ըլլային, նոյնիսկ Պէյրութ գտնուէի, պիտի ըսէին՝ տակաւին չէ հասած…: Ժամկոչեանի մասին օրին գրածս եթէ օգտագործելի գտնես, ազատ զգա: Եթէ ժամանակներս արտօնէին, հաւանաբար զայն վերածէի մենագրութեան: Անկախ իր խառնուածքէն, Բ. Ժամկոչեան հպարտութիւն է մեր շրջանակին համար:
Շնորհակալութիւն տպարան «Շիրակ»ի հրկիզման առիթով արտայայտած անկեղծ զգացումներուդ համար: Հո՛ն, իմս, մերը ըլլալու զուգահեռ, կը սեպէի յարգելի մտաւորական մեր բարեկամներուն սեփականութիւնը: Դժբախտաբար, բաժան-բաժան եղանք:
Այս պահուս ցաւոտ մտածում մը զիս պատած է. – Ի՞նչ պիտի ըլլայ Սահակեան Գոլէճը Պէպոյէն ետք:
Ես եղայ պատճառը փշոտ տասնամեակիդ: Ապահով կրնամ վկայել, թէ «դպրոցը շահեցաւ»: Քու բաժինդ… միայն դուն ու Ազատուհին գիտէք, սիրելի Պէպօ:
Ջերմ բարեւներ Սօսիէն, Շահէէն ու Հրաչէն՝ Ազատուհիին, Տիգրանին, Ռազմիկին ու քեզի:
Բարեկամաբար՝
[ստոր․՝ Յովհ. Հաննէսեան]
* * *
Լոս Անճելըս, 11 Հոկտ[եմբեր] 1989[ccclv]
Սիրելի Պէպօ,
Պէյրութ.
Օրին ստացած եմ 2 Յունուար 1987 թ. նամակդ: Շահեկան էր ոգին, տեղեկութիւնները, ցանկութիւնները, որոնք կրնային փոխանցուիլ միայն բարեկամի, մտերիմի:
Լիբանանի վերջին վեց ամսուան պատերազմը մենք հեռուէն ապրեցանք: Բայց իրա՛ւը… դուք: Կարեւորը ողջ մնալն էր: Ամէն առիթով հարցուցած եմ Պէպոյին, Ազատուհիին, «Սահակեան»ին մասին՝ եկող-գացողներէն: Վերջինը Արշակ Գազանճեանն էր:
Այս օրերուն կը թուի թէ ապահովութիւնը լաւ է: Քաղաքականութիւն… Աստուած գիտէ: Համեմատաբար հանդարտ այս շրջանին կը լսենք թէ դպրոցները սկսած են: Մաղթենք որ տարին բոլորուի առանց պատմութեան:
Օգտուելով Արշակի վերադարձէն եւ սիրայօժար տանելու իր տրամադրութենէն, կ’առաքեմ «Գաղթը Վէրքով Ու Երգով» գիրքէս[ccclvi] մակագրուած օրինակ մը: Ցարդ մէկ գիրք կրցած էի ղրկել Պէյրութ: Յուսամ այսուհետեւ հերթաբար հասցնել վաղեմի բարեկամներուս, եւ լսել զիրենք:
Սիրելի Պէպօ, անձնականէն դուրս կայ նաեւ հաւաքական կեանքը, ըսել կ’ուզեմ ազգայինը, եւ ազգայինի[ն] մէջ՝ մե՛րը: Հաւանաբար, Արշակը տայ պատկերը Լոս Անճելըսի շրջանակի այժմու տխուր վիճակին: Ցաւ ի սիրտ, Հ. Կ. Բ. Մ.ը մտցուած է կուսակցական վերիվայրումներուն մէջ, այսինքն՝ ինչպէս որեւէ մասնաճիւղ: Շուրջ երկու տարի առաջ զգալով կացութիւնը, յարմար դատեցի հեռու մնալ:
Այդ օրերէն ասդին կ’աշխատիմ ըլլալ օգտակար գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց, այսինքն՝ կողմերուն,[ccclvii] որոնց համախումբ աշխատանքները արդէն հազիւ զգալի էին գաղութին մէջ: Լուսապսակ կուսակցական միսիոնարներու պէտք ունի այս շարքը, որոնց հմայքով գուցէ մաքրուի հրապարակը, մինչ ներքին կարգով ցանկալի մակարդակին հասնիլը կրնայ խլել տարիներ, երբ կուսակցութեան, եւ մանաւանդ ազգի՛ն համար՝ օրերն ու ժամերը պատմական արժէք ունին:
Սիրելի Պէպօ, յաջողութիւն ու առողջութիւն քեզի՝ այս դժուարին ժամանակներուն, քաջութիւն Ազատուհիին՝ արեւելք-արեւմուտք սահմանը[ccclviii] կտրած պահուն, ապահով կեանք ընտանիքիդ բոլոր անդամներուն, եղբօրդ ու իր ընտանիքին, եւ բարեւներ բոլոր վաղեմի սիրելի ծանօթներուն Սօսիէն, Շահէէն, Հրաչէն եւ անշուշտ ինձմէ:
Մտերմաբար՝
[ստոր․՝ Յովհ. Հաննէսեան]
* * *
Լոս Անճելըս, 23 Ապրիլ 1990[ccclix]
Սիրելի Պէպօ,
Զարմանալին այն է, որ մնայուն կերպով մտքիս մէջն ես: Ամէն անգամ, երբ կը ծանրանայ մթնոլորտը Լիբանան աշխարհին, կը սկսի կեանքի անապահովութիւնը ռումբերու տեղատարափին տակ, կը յիշեմ քեզ, անպաշտպան Սահակեան Գոլէճը՝ բաց երկնքին տակ, ուսանողութիւնը, որ կ’ապաւինի տնօրէնին, ուսուցիչներուն: Չեմ գիտեր թէ ձեզմէ զատ ովքեր կան նոյնքան մտահոգ: Այս կացութիւնը արդեօ՞ք մոռցնել կու տայ դպրոցի[ն] նիւթական տագնապը, որ առաջին հերթին ծանրացած է ուսերուդ: Հեռու եմ, եւ ի վիճակի չեմ զգալու Հ. Կ. Բ. Մ.ի գործնական օժանդակութիւնը՝ բաժնեկից դառնալու առօրեայ մտահոգութիւններուդ:
Անկախ մեր բարեկամութենէն եւ մօտիկութենէն, ապահովաբար ա՛յս էր, որ միշտ կը յամենաս մտածումերուս մէջ: Այլապէս ալ, թէ՛ Սօսիին եւ թէ՛ ինծի համար, Սիմոնեան զոյգը (Ազատուհին եւ Պէպօն) նկատած ենք մեր հոգե-մտաւոր ներաշխարհին մօտ ու հարազատ:
Սիրելի Պէպօ, այս պահուս կը յիշեմ նամակներէդ մին, ուր կը գրէիր, «եթէ նոյնիսկ այս նամակիս չպատասխանես, դուն կը մնաս իմ բարեկամս»: Անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, ես գրաւոր որեւէ կապ կամ երկտող շատ աւելի ջերմ կը գտնեմ քան անգիր բազմաթիւ նամակներ-մտքեր-մտածումներ, փոխխօսակցութիւններ զորս կ’ունենամ քեզի հետ, որոնք զոհ կ’երթան ամերիկեան կեանքին պարտադիր հեւքին ու վազքին:
Գիտես թէ ամէն ինչ սկիզբէն սկսած եմ: Եթէ յաջողեցար ու ոտքի ես, սա մեծ բախտաւորութիւն է, բայց… ոտքի մնալու համար, վազքդ ա՛լ դադար պիտի չունենայ մինչեւ հո՛ն… ուր գացողը տակաւին չէ վերադարձած:
Սիրելի Պէպօ, չվերադարձող մը՝ սիրելի եղբայրդ, որ բազում դժուարութիւններով կեանքը յաղթահարեց, ընտանիք մը կերտեց, ազգային ծառայութեան նուիրուած՝ նոր սերունդի արժանաւորներէն մին հանդիսացաւ, լքեց ընտանիքը, քեզ եւ շրջապատը ամբողջ: Գրիգորին մահը անընդունելի է պարզապէս, որքան ալ բնութիւնը անտեղի իր օրէնքները ունենայ: Ապրողներուս պարտադրուած է համակերպիլ դառն ու դաժան այս կեանքին բոլոր անակնկալներուն, եւ եթէ դոյզն չափով կարենանք մեղմել կեանքի ծանրութիւնը, որ կը ճնշէ մարդոց հոգիին ու մտքին, մխիթարել ու յուսադրել, ու ստեղծել ժամանակաւոր ովասիսներ այլոց ու մեզի համար, կրկնապէս կ’իմաստաւորուի մեր կեանքը: Գիտակցական այս մակարդակը, որ մտաւորականին[ն] է, վստահ եմ, քեզ պիտի պահէ քաջ ու առողջ՝ դիմակալելու այն բոլոր դժուարութիւնները, որ առաջ կու գան եղբօր մը կորուստով: Ընդունեցէ՛ք Սօսիին, Շահէին, Հրաչին ու իմ խորագոյն ցաւակցութիւնները քեզի, Ազատուհիին, Տիգրանին ու Ռազմիկին՝ այս տխուր առիթով:
Սիրելի[ccclx] Պէպօ, թէեւ մեզի անծանօթ էին քրոջդ երիտասարդ զաւակները, անոնց անակնկալ կորուստը նոյնպէս խոր ցաւ պատճառեց ճանչցողներուն ու լսողներուն:
Այս բոլորը մտահոգեց մեզ քու առողջութեանդ ի խնդիր:
Կը սպասենք ապաքինած տրամադրութեանդ եւ անբնական վիճակի մը մէջ՝ բնական թուացող հոգեվիճակիդ:
Մտերմաբար՝
[ստոր․՝ Յովհաննէս]
* * *
OHANNES HANNESSIAN
SHIRAK PRINTING & BOOKSTORE
4960 Hollywood Blvd., Los Angeles CA 90027
Phone: (213) 667-1128
Լոս Անճելըս, 4 Փետր[ուար] 1991[ccclxi]
Սիրելիներ Պէպօ, Ազատուհի եւ նոր սերունդ,
23 Ապրիլ 1990 թուակիր նամակիս ի պատասխան, ստացայ 28 Մայիսի քու նամակդ: Ընտանիքիդ պատահած ծանր իրողութիւններէդ ետք, անցած են արդէն ամիսներ, ու վստահ եմ, «հիմա աւելի լաւ կը զգամ»ը արդէն իսկ դէպի իրաւ լաւը կ’ընթանայ, յատկապէս Լիբանանի համեմատական լաւութեան հետ:
Անշուշտ, յստակ պատկերը չունիմ ո՛չ Լիբանանի, ո՛չ «Սահակեան»ի եւ ո՛չ ընտանիքիդ տագնապներուն ու տեղափոխութեանց: Արդեօ՞ք Դուք Ձեր տանն էք, «Սահակեան»ը՝ «Ռուբինեան»ի մէջ, եւ Լիբանանը այնքան մը լաւ, որ կարենաք անցնիլ Սահակեան Վարժարան, ու մանաւանդ՝ շրջապատդ ցաւակից քու բոլոր դժուարութիւններուդ, անհատական թէ կրթական:
Խորապէս ցաւ կը զգամ, որ այդ մթնոլորտը, որու մէջ մեծցանք, սահեցաւ մեր ոտքի տակէն: Այս ցաւը թէ՛ գացողներուն է եւ թէ՛ մնացողներուն:
Սիրելի Պէպօ, այս երկտողը կը գրեմ «Բառարան Հայոց Անուններու» նոր գիրքիս[ccclxii] լոյս ընծայման առիթով: Չուզեցի պարզապէս մակագրել ու ղրկել գիրքը:
Եթէ դժուարին ժամանակներէդ եւ յարմար պահուն կարդաս յառաջաբանը գիրքին, պատկեր մը կ’ունենաս անձնանուններու հոլովոյթին՝ խարսխուած վիճակագրութեանց վրայ: Կը հաւատամ այս նիւթին կենսական բնոյթին: Զարմանալի զուգադիպութեամբ, կը կարդամ որոշում մը՝ առնուած «Լիբանանի թեմի քահանայից համագումարէն» – համար 15-ի որոշումը.
«Մկրտութեան պարագային՝ խստօրէն թելադրել օտար անուններ չընտրել»:
Առանց ժողովի օրակարգի եւ որոշումի, ներքին ձայնով մը պատրաստեցի, որ ինձմէ խլեց երկու տաժանակիր տարիներ:
Այս հարցը պէտք է մնայ մի՛շտ հրապարակի վրայ. հայոց անուններու օգտագործումը աժանագոյն ճամբան է, առանց զէնքի ու դրամի, պահելու ազգային այս սեփականութիւնը:
Սիրելի Պէպօ, հաճոյք է քեզ լսել ու կարդալ: Ողջ մնաս եւ առողջ Ազատուհիին համար ու զաւակներուդ: Նոյնքան կենսական ես, սիրելի Պէպօ, շրջանակիդ համար եւ «Սահակեան»ին:
Ջերմ բարեւներ Սօսիէն, Շահէէն եւ Հրաչէն՝ Սիմոնեան ընտանիքի անդամներուն:
Մտերմարար՝
Յովհ. Հաննէսեան
* * *
Յովհաննէս Հաննէսեան
Լոս Անճելըս, 9 Սեպտ[եմբեր] 1992[ccclxiii]
Սիրելիներ Պէպօ եւ Ազատուհի,
Պէյրութ.
Մեր Պէյրութ գտնուած միջոցին, երկու առիթով գտնուեցանք ձեր տունը՝ սեղանի շուրջ: Իսկապէս հաճելի էր: Շնորհակալութիւն ձեր բոլորին, ու մանաւանդ Ազատուհիին, որ յոգնած էր այդ ճաշասեղանները պատրաստելու համար:
19 Յունուար 1992-ին երբ ձգեցինք Պէյրութը ու հասանք Լոս Անճելըս, զարմանալիօրէն կը լսեմ, թէ երկու օրէն Վահէ Օշականը կը մեկնի Աւստրալիա իր ընտանիքով: Ուստի, սխալ պիտի ըլլար ինծի յանձնած վերջին գիրքդ՝ «Ծառին Ճիչը» ղրկել Սան Ֆրանսիսքոյի իր հասցէին: Քանի մը շաբաթ ետք, երբ իր հասցէն անցաւ ձեռքս, առաքեցի իրեն մակագրած գիրքդ իր նոր հասցէին: Ուրախ եմ, որ Վահէն արձագանգեց չորս յաջորդական գրութիւններով: Ներփակ կը գտնես իր կարծիքը, վկայութիւնը, ակնկալութիւնը, մտածումները… եւ այլն:
* * *
Քանի մը աղբիւրներէ իմացանք Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութենէն հրաժարելու պարագան: Տիգրանին տղան՝ Համբիկ Սարաֆեանը բաւական երկար ու մանրամասն նկարագրեց Պէյրութի շրջանակի[ն] վերիվայրումները, կացութիւնը, տիպարները: Վահրիճը հաստատեց հրաժարած ըլլալդ: Առյաւէտ մեկնողներուն դէպի անդենական արգելակումը մեր կողմէ անհնար է: Լիբանանը ձգողներուն առաջքը առնել դժուար է: Բայց մնացողներուն հեռացումը… որքան ալ հասկնալի ըլլայ, ցաւ կը պատճառէ շրջանակին, ու այս պարագային՝ «Սահակեան»ին կապուած մարդոց: Անոնցմէ մէկը ես եմ, ըսել կ’ուզեմ մենք՝ Սօսին ու ես, որ խորապէս ցաւ զգացինք լքելով «Սահակեան»ը: Պէտք չեմ տեսներ ըսելու ու գրելու այն կապը, որ զիս միացուցած է «Սահակեան»ին, որպէս ուսանող, ուսուցիչ, հոգաբարձու եւ հիմնադիրներէն մին Հ. Կ. Բ. Մ.ին[ccclxiv] ու նոր կառոյցին: Քեզմով, ես զիս հոն զգացի: Ասկից անդին… չեմ գիտեր: Վախճանը այդ վարժարանին՝ բարի ըլլայ:
Այս գծով, ու ա՛յլ, կ’ուզեմ լսել քեզմէ:
* * *
Լոս Անճելըսը հայութեամբ լեցուած է, ու քիչ մը ամէն օր նորեր կու գան Հայաստանէն ու այլ քաղաքներէ: Երեւանէն ետք ամէնէն հայաշատ քաղաքն է ան: Այսօր… հայութեամբ կ’եռայ: Վաղը… սերունդ մը կամ աւելի ետք պիտի գաղջանայ եթէ հրաշք մը տեղի չունենայ: Իսկ եռացող այս կեանքին մէջ, շրջանակին [մէջ] աչքի զարնող, ոտքի կանգնած յարգելի մարդիկ մէկ առ մէկ կը հեռանան, իսկ մնացողներ վիրաւոր ու համեստագոյն մակարդակի իջեցուցած են հարիւրամեայ կազմակերպութիւն մը: Այս վերջիններուն համար կարեւորը հանգամանք մը ունենալն էր, իսկ Լոս Անճելըս ապրողներու համար՝ «Մասիս»ի մէջ իրենց նկարին երեւումն է… ու պաշտօն մը շարքերէն ներս՝ ինքնացուցադրման համար: Նամակիս կցեալ գրութիւն մը եւ նկար մը խօսուն են այս գծով: Առանց մեկնաբանութեան:
Ջերմ բարեւներ մեր բոլորէն ձեր բոլորին, այսինքն՝ քեզի, Ազատուհիին, Տիգրանին ու Ռազմիկին:
Մտերմաբար՝
[ստոր․՝ Յովհ. Հաննէսեան]
* * *
- Մօրուս Հասրաթեանէն
Երեւան, 22 Դեկտեմբեր [19]66[ccclxv]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ եւ համեստ, ազնիւ տիկին,
Քաղաքամայր Երեւանէն ընդունեցէք իմ բարի մաղթանքները նոր՝ 1967թ.ի համար: Առողջութիւն, յաջողութիւն եւ երջանկութիւն կը ցանկանամ ձեր երիտասարդ ընտանիքին: Նոյնը հաղորդեցէք ձեր եւ մեր բոլոր ընկեր բարեկամներուն:[ccclxvi]
Չեմ մոռացել եւ չեմ մոռանայ ձեր ազնիւ, բարեկամական ջերմ վերաբերմունքը եւ սէրը, որ կը տածէիք իմ նկատմամբ:
Համբոյրներով՝
[ստոր.՝ ՄՀասրաթ][ccclxvii]
* * *
Երեւան, 8 Մարտ [19]67[ccclxviii]
Սիրելի ընկ. Սիմոնեան,
Բաւական մեծ ուշացումով, շնորհակալութեամբ ստացել եմ «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. Համագումարի Սեմին» վերնագրած Ձեր գրքոյկը, որի մասին, Փետրուարի 6-ին, որոշ տեղեկութիւններ տրուեց: Երբեմն մամուլում հաճոյքով հանդիպում եմ Ձեր անուան: Յաջողութիւններ եմ ցանկանում:
Ջերմօրէն՝
[ստոր.՝ ՄՀասրաթ]
* * *
[Երեւան, Յունուար 1968][ccclxix]
Սիրելի Պէպօ,
Իմ անմոռանալի, իմ հարազատ բարեկամ (Պէյրութի հարիւրաւոր ծանօթ-բարեկամներու մէջ առաջին տասնեակի մէջ ընդմիշտ անցած), 1968-ի առաջին օրերին կը ցանկանամ բազում բարիք եւ յաջողութիւններ քո ընտանեկան, գրական եւ հասարակական կեանքի մէջ:
Համբոյրներով՝
[ստոր.՝ ՄՀասրաթ]
* * *
[Երեւան, Դեկտեմբեր 1969][ccclxx]
Թանկագին Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններ,
1970-ի Ամանորի շնորհաւորանքի հետ հարազատի հազար բարի մաղթանքներ: Լերուք ողջ եւ ուրախ:
Էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ շարունակուած է. Համբոյրներով, ձեր՝
[ստոր.՝ ՄՀասրաթ]
* * *
[Երեւան, հաւանաբար 1960-ականներու վերջ][ccclxxi]
Սիրելի բարեկամներ,
Ատենին ստացել եմ ձեր հիանալի նամակը, յոյս ունեմ յաջորդն էլ ստանալու: Մի՛ ծուլացէք եւ անպայման նամակի պատասխան մի՛ սպասէք:
Սպասում եմ:
Ձեր՝ [ստոր.՝ ՄՀ]
* * *
- Սիմոն Հովիւեանէն
SIMON HOVIVIAN
55, Assaf Khoury, 55
Bourdj Hammoud – LIBAN
Լէյլաւան/Ֆանար – Լիբանան, 28 Յուլիս 1989[ccclxxii]
Սիրելիդ իմ Պէպօ ջան,
Եօթը ամիսներէ ի վեր մամուլի տակ եղող «Նոր Սերունդը՝ Քաւութեան Նոխազ» Ա. հատորը (Գ. տպագրութեամբ) վերջապէս լոյս տեսաւ քանի մը օր առաջ:
Օրինակ մը կը ստանաս, որպէս յիշատակ մը՝ երբեմնի ուսուցիչէդ:
Ամբողջական ընթերցումէդ յետոյ, պիտի ուզէի օր մը լսել կարեւոր նկատողութիւններդ, մտերմաբար: Դուրսէն դիտողի մը նայուածքով՝ քննադատական խօսքեր լսել օգտակար է. որ սակայն ըլլան շինիչ եւ բարերար, առանց կիրքի եւ առանց որեւէ նկատումներու:
Հաճոյքով կը հաստատեմ քու մէջդ՝ դիտելու եւ առողջ կերպով դատելու կարողութիւնը: Ուրախութեամբ կարդացի Ա. Ծառուկեանի մասին գրածդ՝ «Արարատ»ի մէջ:
Վերջին հրատարակութիւններուս մասին քու կատարած մէկ նկատողութիւնդ հաւնեցայ, եւ այնքան հաճելի թուեցաւ ինծի, որ նշած եմ զայն գրքիս վերջաբանին մէջ – Հրապարակայնութիւն եւ Վերակառուցում: Մինչեւ այդ օրը, ես չէի անդրադարձած որ… այդ ճամբու[ն] վրայ եմ:
Կարդա՛ ՎԵՐՋԱԲԱՆ-ը լրիւ:
Շուրջ երեսուն տարիներէ ի վեր իմ կատարած հրատարակութիւններուս մասին տեղական մամուլը լուռ մնաց: «Ազդակ»ի լռութեան չե՛մ զարմանար, չե՛մ ալ վշտանար. իսկ «Զարթօնք» եւ «Արարատ» արտայայտուեցան… խծբծանքով մը, մանաւանդ «Արարատ»՝ գէշ կերպով, որմէ բարոյապէս ընկճուած մնացի երկար ատեն:
Աստուած հեռու պահէ զիս իմ «բարեկամներէս», թշնամիներս ճանչցած եմ արդէն:
Կը յուսամ օր մը կը տեսնուինք եւ կը խօսինք երկարօրէն:
Եղբայրական անկեղծութեամբ՝
[ստոր.՝ Ս. Հովիւեան][ccclxxiii]
(երբեմնի ուսուցիչդ)
* * *
- Արսէն Ճերեճեանէն
ERITASSARD HAYASTAN
AN ARMENIAN MONTHLY
Established 1903
Tel.: (201) 262 – 5363
Office Mailing Address:
353 Forest Avenue P. O. Box 742
Paramus, N. J. 07652 Paramus, N. J. 07652[ccclxxiv]
[Փարամուս,] (3)-9 Մարտ 1975[ccclxxv]
Սիրելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Ս. Դ. Հնչ. Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի օրկան «Երիտասարդ Հայաստան»ը, որ 15 ամիսներէ ասդին դադարման դատապարտուած էր, 1975
Յունուարին սկսանք հրատարակել որպէս ամսաթերթ: Արդէն լոյս տեսած են Ա. եւ Բ. թիւերը եւ շուտով լոյս կը տեսնէ Մարտի թիւը:
Ներկայովս կը խնդրենք Ձեզմէ, որպէս Հնչակեան նոր սերունդի յառաջապահ գրողի, որ Ձեր մնայուն մասնակցութիւնը բերէք «Ե. Հ.»ին, ազգային, գրական եւ գաղափարական յօդուածներով ուժեղացնելու համար անոր բովանդակութեան որակը:
«Եր. Հայաստան»ի Ապրիլի թիւը պիտի յատկացուի Մեծ Եղեռնի 60-ամեակին: Գիտենք որ ժամանակը կարճ է, բայց եթէ կրնաք շուտով մեզի ղրկել յօդուած մը այդ թիւին համար, շատ շնորհակալ կ’ըլլանք: Ձեր թղթատարական ծախքերը պիտի վճարուին մեր կողմէ:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
«Եր. Հայաստան»ի վարիչ խմբագիր
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
[«Երիտասարդ Հայաստան»ի հայերէն եւ անգլերէն հաւկթաձեւ կնիքը]
Յ. Գ. Կրնաք 1965-ին լոյս տեսած «Արարատ»ի բացառիկին մէջ ունեցած Ձեր յօդուածը՝ «1915-ը Եղեռնը եւ հայ գրականութիւնը», 1/3-ով համառօտելով վերամշակել եւ ղրկել:
* * *
[Փարամուս,] 28 Դեկտ[եմբեր] 1987[ccclxxvi]
Սիրելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Աթէնքէն[ccclxxvii] ասդին մեր յարաբերութիւնները մնացին լճացած:
Կը լսեմ թէ ես նամակ չեմ գրեր: Ճշմարտութիւնը սակայն այն է որ կը գրեմ սակայն անպատասխանի կը մնամ: Աթէնքէն ասդին գրած եմ Վահրիճին, Կ[եդրոնական] Վարչութեան (2 նամակ եւ տեղեկագիր) եւ Ձեզի, որոնք մնացին անպատասխանի: Իմ բոլոր նամակները, բացի Վահրիճի հասցէէն, ղրկած եմ «Արարատ»ի հասցէով: Այն համոզումը ունեցայ որ իմ նամակները իր[ենց] տեղը չեն հասնիր: Եթէ այդպէս է, հաճեցէ՛ք ձեւով մը ըսել ինծի թէ ի՞նչ հասցէ գործածեմ:
Նախորդ նամակս գրած էի յատկապէս Արմէն-Բերսաբէ Հիմնարկի 1000 տոլարի յատկացման մասին էր,[ccclxxviii] որով կը խնդրէի ստացագիր ունենալ: Լաւ է որ որեւէ պարագայի կարելի ըլլայ tax-է զերծ ընել: Այս պարագան շատ կարեւոր է բոլոր նուիրատուներուն համար: Այս տեղէն հաւաքուած գումարներուն համար, հակառակ տոքթորին խոստումին որ ըրաւ Աթէնքի մէջ:[ccclxxix]
Մօտերս ձեզի պիտի ղրկեն («Սահակեան»ին) տարեկան յատկացում մը Սահակեան-Կիլիկեան Դպրոցներու Օժանդակ Մարմնէն: Կ’ուզէի գիտնալ թէ կարելի՞ է նման յատկացումները ընել հետեւեալ կերպով, որ ժամանակ մը առաջ ինծի յանձնարարուած էր «Արարատ»ի վարչութենէն:
Federal Bank of Lebanon – Dora Branch
Account of Les Amis du Journal Ararad #150396
Ձեզի փոխանցելի: Հաճեցէ՛ք այս մասին գրել ինծի շուտով:
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
Wishing you a Merry Christmas
and a very Happy New Year
Շնորհաւոր Նոր Տարի
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
Նոյն
* * *
[Փարամուս,] 14 Փետրուար 1991[ccclxxx]
Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Ես Ձեր տիկնոջ հասցէով (Ամերիկեան համալսարան) երեք նամակ ղրկեցի. ցարդ ոչ մէկ գիր ստացած եմ Ձեզմէ:
Աթէնքի մէջ ինծի խօսած էիք դոկտ. Բ. Սվաճեանի կրթական-հասարակական գործունէութեան 50-ամեակին առթիւ ղրկուելիք յօդուածներու մասին: Ես հաճոյքով ընդառաջեցի հրատարակել զանոնք, քանի տիկին Բ. Սվաճեանը հնչակեանի զաւակ է եւ արժանի մեր յարգանքին:
50-ամեակի հանդէսը պիտի կատարուի Ապրիլ 5-ին:
Եթէ կրնաք՝ շուտով ղրկեցէ՛ք ինծի որպէսզի հրատարակենք մեր յաջորդ թիւերուն մէջ: Եթէ այդ մասին, եւ կամ այլ յօդուածներ ունիք հրատարակուած «Արարատ»ին մէջ, հաճեցէ՛ք մկրատել եւ նամակի պահարանով ղրկել:
Ցարդ միայն երկու ծրար «Արարատ» ստացած եմ, իւրաքանչիւրը 3 թիւ պարունակող 1990 Դեկտ.ի թիւերէն:
Այս վերջերս Սահակեան-Կիլիկեան Օժանդակ Մարմնին ուղղուած նամակ մը ղրկած էիք հին հասցէով: Ստացած ենք: Բարեհաճեցէ՛ք յետայսու[ccclxxxi] նամակները ղրկել Օժանդակի ուղիղ հասցէին, որ է՝
Committee to Aid Sahaguian
& Cilician Schools, Inc.
- O. Box #452
Paramus, N.J. 07652
Մօտերս պիտի ղրկենք 1991-ի մեր օժանդակութեան յատկացումները:
Ընկերական ջերմ բարեւներով՝
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
Յ.Գ.– Համագումարի յետաձգման լուրը ստացած եմ ընկեր Յ. Պէրպէրեանէն: Ճիշդ կարգադրութիւն է:
Նոյն
* * *
[Փարամուս,] 7 Մայիս 1991[ccclxxxii]
Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Ստացած եմ Ձեր վերջին նամակը (24-4-91), որ 5 օրէն հասած է հոս: Ես Ձեզմէ այլ նամակ կամ գրութիւն չեմ ստացած, ի բացառեալ Կեդրոնի նամակներէն:
Երէկ, Բարեգործականի կրթական տնօրէնին հետ տեսակցեցայ (Վ. Ղազարեան)[ccclxxxiii] որպէսզի դոկտ. Սվաճեանի յոբելեանին առթիւ իր պատրաստած գրքոյկէն[ccclxxxiv] հատ մը ինծի ղրկէ: Պիտի ղրկէ հատ մը: Սակայն ըսաւ թէ Ձեզմէ գրութիւն չկայ մէջը, Ձեզմէ ոչ մէկ բան ստացած են:
Ճիշդ է որ իմ Ձեզի ղրկած նամակները American University-ի հասցէով ղրկուած են, եւ այդ պատճառաւ կորսուած: Այդ նկատի ունենալով Կեդրոնին ղրկածներս երեք օրինակներով ղրկած էի, որպէսզի մէկէն մէկը ձեռքդ[ccclxxxv] հասնի (Վահրիճին, Տիրանին եւ տիկնոջդ հասցէով):
Այսքանը գրեցի որպէս բացատրութիւն:
Ներկայովս ներփակ կը ղրկենք Օժանդակ Մարմնի տարիներու նպաստը՝ 2500 տոլար: 1000 տոլար ալ ղրկած ենք Կիլիկեան դպրոցին: Հաճեցէ՛ք ստացագիրները ղրկել Օժանդակի նոր հասցէով՝ Committee to Aid Sahaguian and Cilician Schools. P. O. Box 452 – Paramus, N. J. 07652:
Այժմ թղթատարը աւելի կանոնաւոր է երկու երկիրներու[ն] միջեւ: «Արարատ»ները սկսած եմ ստանալ, թէպետ քիչ մը ուշացումով:
Կը յուսամ եւ կը մաղթեմ որ Ձեր առողջութիւնը լաւ է:
Բարեւներս Ձեր ազնիւ տիկնոջ եւ ընկերներուն:
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* *
[Փարամուս,] 15 Յուլիս 1991[ccclxxxvi]
Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Տնօրէն Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,
Պէյրութ, Լիբանան.
Ստացած եմ Ձեր 29 Մայիս 1991-ին գրուած նամակը եւ պատշաճ ստացագիրներ, Յուլիս 8-ին:
Շատ շնորհակալ եմ Ձեր ինծի ընծայած պատիւին համար՝ նախագահելու Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի շրջանաւարտից հանդէսին: Սակայն, կը խնդրեմ որ զանց ընէք այդ, քանի որ չեմ գիտեր թէ երբ կրնամ հասնիլ հոդ:
Լիբանանի յարաբերաբար խաղաղ կացութիւնը այստեղէն հոդ եկող ճամբորդներով խճողած է օդային գիծը եւ շատ դժուար է տոմսակ ճարել ճշդուած թուականներով: Ամերիկայի կառավարութեան հրահանգով, տակաւին Լիբանանը արգիլեալ գօտի է ամերիկացի քաղաքացիներուն համար: Տոմսակը պիտի ճարենք զարտուղի միջոցներով:
Ամենայնդէպս պիտի ջանամ անպայման հասնիլ ժողովին: Երբ թուականն ու ժամը յստակ ըլլան, կը հեռաձայնեմ ընկեր Վահրիճին կամ fax կը ղրկեմ իրեն:
Մինչ այդ՝ ընդունեցէ՛ք ընկերական սիրալիր բարեւներս:
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 21 Սեպտ[եմբեր] 1991[ccclxxxvii]
Սիրելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Տնօրէն Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,
Պէյրութ-Լիբանան.
Սիրելի ընկեր,
Կը ցաւիմ որ առանց Ձեզ կարենալ տեսնելու[ccclxxxviii] մեկնեցայ Պէյրութէն: Յուզումս եւ ցասումս մեծ էր Կեդր. Վարչութեան ընտրութեան արդիւնքով: Մեր կուսակցութիւնը Ձեզ նման ոյժերու պէտքն ունի որեւէ ժամանակէ աւելի: Անոնք որ դարբնեցին ընտրութեան արդիւնքը, վստահաբար իրենք եւս պիտի անդրադառնան գործուած սխալին:
Կը յուսամ որ յուսախաբութենէ տարուելով պիտի չխափանէի Ձեր գաղափարական գործունէութիւնը: Կուսակցութիւնը, «Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան»ը պէտք ունի[ն] ձեզի: Կը մաղթեմ որ Ձեր ջանքը ըլլայ կրկնապատկել Ձեր ճիգերը ի նպաստ «Սահակեան»ին, մեր այլ կազմակերպութիւններուն եւ հնչակեան գրականութեան: Իմ համեստ թելադրութիւնս է, որ առաւել սերտ գործակցութիւն հաստատէք Կեդրոնի Դիւանին եւ նաեւ hնչակեան երիտասարդութեան հետ:
Նոյնպէս իմ մէջ մեծ ցաւ մնաց, որ չկրցայ քանի մը խօսք ընել հանդէսին եւ յայտնել իմ ջերմ շնորհակալութիւնները Ձեզ[ի՝] ինձ ընձեռած պատիւին համար: Իսկապէս շատ գէշ կը զգայի, կռնակէս ջիղ մը մինչեւ գլուխս ցաւ կը պատճառէր սաստկօրէն: Թերեւս պէտք ալ չէր որ ներկայ ըլլայի հոն: Իմ անհանգստութեան պատճառաւ էր որ չկրցայ ներկայ գտնուիլ համագումարի առաջին երկու նիստերուն: Զահլէ գացած էի հանգչելու համար: Ինչ որ է: Հաճեցէ՛ք ընդունիլ իմ ջերմ շնորհակալութիւններուն հետ նաեւ խնդրանքս Ձեր ներողամտութեան:
Եթէ հանդէսի[ն] նկարագրականը պատրաստած էք, կը խնդրեմ որ ղրկէք ինծի: Եթէ «Արարատ»ի մէջ տպագրուած է արդէն, կրնաք մկրատել եւ նամակով ղրկել հասցէիս:
Ես պիտի ջանամ յառաջիկային առաւել կերպով օգտակար [ըլլալ] Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճին:
Ընկերական սիրալիր բարեւներով,
Ձերդ՝
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 18 Դեկտ[եմբեր] 1991[ccclxxxix]
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ԵՒ
ԲԱՐԻ ԿԱՂԱՆԴ
Սիրելի եւ յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Տնօրէն Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,
Պէյրութ-Լիբանան.
Նոր Տարուան եւ Սրբ. Ծնունդի տօնական օրերու առթիւ Ձեզ[ի] եւ Ձեր ազնիւ տիկնոջ կը մաղթեմ երջանիկ օրեր եւ նորանոր յաջողութիւններ:
Վստահաբար, ձեր տնօրէնութեամբ, Գոլէճի[ն] գործերը յաջողութեամբ ի կարգի են:
Եթէ Գոլէճին պաշտօնաթերթը կը հրատարակուի, հաճեցէ՛ք ինծի օրինակ մը ղրկել:
Կը սիրեմ մերթընդմերթ լսել Ձեզմէ: Ձեր մտքերը գնահատող եմ:
Ընկերական սիրալիր բարեւներ
Արսէն Ճերեճեան
* * *
[Փարամուս,] 22 Դեկտ[եմբեր] 1991[cccxc]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Կը յուսամ որ Նոր Տարուան մաղթանքագիրս ստացած էք:
Այսօր կը գրեմ քեզ[ի՝] կրկնելու անցնող տարուան առաջարկս աշխատակցելու «Երիտասարդ Հայաստան»ին, որ մնաց անպատասխանի:
Ձեր իւրաքանչիւր յօդուածին համար որոշած ենք վճարել 25 տոլար (ամիսը մէկ յօդուած): Պայման է որ մեզի ղրկուած յօդուածը անտիպ ըլլայ, այսինքն մեզի ղրկուելէ առաջ հրատարակուած չէ «Արարատ»ին կամ այլ թերթերու մէջ: Անշուշտ «Ե. Հայաստան»ին մէջ հրատարակուելէ ետք կրնաք ղրկել նաեւ այլ տեղեր: Դուք ազատ էք այլ յօդուածներով աշխատակցիլ նաեւ այլ թերթերու, այդ ձեր իրաւունքն է: Մեր փափաքն է որ մնայուն աշխատակից ըլլաք մեզի յատուկ յօդուածներով՝ գաղափարական, ազգային, թէ գրական, եթէ Ձեր ժամանակը կը ներէ:
Գիտակից ենք որ 25 տոլարը արդար վարձատրութիւն մը չէ: Բայց, մենք կ’ապաւինինք Ձեր գաղափարական զոհողութեան:
Հաճեցէ՛ք մեզի ղրկել Ձեր կենսագրականն ու նկար մը:
Կը յուսանք մեզ յուսախաբ չէք ըներ:
Ընկերական ջերմ բարեւներով,
սիրով՝
Արսէն Ճերեճեան
* * *
[Փարամուս,] 10 Ապրիլ 1992[cccxci]
Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Պէյրութ, Լիբանան.
Ուրախ եմ, որ պատրաստակամութիւն ունեցաք «Եր. Հայաստան»ին աշխատակցելու:
Ներփակ կը ղրկեմ 100 (հարիւր) տոլար, առ հաշիւ:
Այս առթիւ Ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ ամսական թիւերուն յարմարող նիւթեր
Յունուար՝ Նոր Տարի Յուլիս՝ որեւէ, գրական, ընկերային
Փետրուար՝ Վարդանանք Օգոստոս՝ Հայկական Դատ, Սեւրի դաշն.
Մարտ՝ Մայրերու կամ կնոջ Սեպտ.՝ որեւէ
Ապրիլ՝ Մեծ Եղեռն Հոկտ. Մշակոյթի ամիս
Մայիս՝ Քաղաքական Նոյեմ.՝ Ազգ. անկախութիւն, անդրա[դարձ]
3 հանրապետութիւններուն
Յունիս՝ Քսան Կախաղաններ Դեկտ.՝ «Ն. Տարի – տարուան
ազգ. քաղ[ա]ք. անցքերը:
Ձեզ չեմ պայմանաւորեր այս նիւթերով, բայց որպէս ամսաթերթ այս նիւթերով առաջնորդուիլը ճիշդ պիտի ըլլայ:
Հաճեցէ՛ք Յունիս ամսուան համար Քսաններով ներշնչուած յօդուած մը հասցնել Մայիս 15-էն առաջ:
Առ այժմ այսքան, յետագային աւելի ընդարձակ կը գրեմ:
Ընկերական ջերմ բարեւներով
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 16 Յունիս 1992[cccxcii]
Սիրելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ յանկարծ լռեցիք: Կը կարծէի թէ յօժարեցաք ամէն ամիս աշխատակցութիւնդ բերել «Եր. Հայաստան»ին:
Ապրիլի 10-ին նամակ մը ղրկած էի, ներփակելով 100 տոլար՝ առ հաշիւ մեր համաձայնութեան: Ստացուած ըլլալը հաստատուած չէ տակաւին, քանի որ չէքը ետ եկած չէ ինծի: Արդեօք կորսուա՞ծ է, թէ՞ սխալ ձեռքերու անցած է: Կը խնդրեմ այս մասին գրես ինծի:
Այդ նամակը ուղարկած էի հետեւեալ հասցէով, խորհելով որ աւելի ապահով է քան Սահակեան Գոլէճի հասցէն:
Mr. Bedros Kalaydjian
c/o Mrs. B. Kalaydjian
Beirut University College
- O. Box #13-5033 Beirut, Lebanon
Ներփակ կը ղրկեմ այդ նամակին պատճէնը:
Ընկեր Վահրիճը այս օրերս Գալիֆորնիա է: Մօտերս պիտի տեսնուինք, իրեն պիտի յանձնեմ «Սահակեան»ին ըլլալիք նպաստները: Երբ վերադառնայ՝ կը ստանաք իրմէն:
Կը յուսամ լսել Ձեզմէ: Ապրիլէն ասդին ոչ մէկ գիր ստացած եմ: Ձեր երկու յօդուածները հրատարակուած են, «Հայ-թուրք փոխյարաբերութիւններու մասին»՝ Ապրիլի մէջ, «Յակոբ Պարոնեան»՝ Մայիսի մէջ: Կը յուսամ ստացած էք: Կը յուսամ որ պիտի շարունակէք Ձեր աշխատակցութիւնը: Ձեր կենսագրականը պիտի գործածեմ յարմար առիթով:
Հաճեցէ՛ք գրել ինծի:
Ընկերական ջերմ բարեւներ Ձեզ[ի] եւ Ձեր ազնիւ տիկնոջը:
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 15 Նոյեմբեր 1992[cccxciii]
Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Տնօրէն Ս.-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,
Պէյրութ, Լիբանան.
Նոյեմբեր 1, 1992 թուակիր նամակդ ստացայ Նոյ. 10-ին, ըսել է Լիբանանի նամակագրութիւնը օրինաւոր կը գործէ ներկայիս: Այդ վստահութեամբ կը ներփակեմ չէք մը 235 տոլար փոխարժէքով, ինչ որ նշանակած էիք Ձեր նամակին մէջ, ցարդ ղրկուած յօդուածներուդ համար: Կը պատասխանեմ ներկայովս կարգ մը հարցումներուդ:
Ա.– 100 տոլարի չէքը ցարդ չէ գանձուած, պէտք է կորսուած նկատել: Չուզեցի cancel ընել,[cccxciv] որպէսզի 25 տոլար ալ առ ոչինչ չվճարենք:
Բ.– Ապրիլին սկսայ հրատարակել ղրկուած յօդուածները: Սակայն Յունիս եւ Յուլիսին համար հրատարակելիք չունէի: Յօդուածներդ Յուլիսի կէսին հասան, շատ ուշ էին, ինչպէս գրած էի նախորդ նամակիս մէջ: Այնպէս որ Օգոստոս, Սեպտ., Հոկտ., Նոյեմբերի թիւերուն մէջ կրցայ հրատարակել զանոնք: Ունիմ նաեւ Դեկտեմբերի համար: Կը յուսամ որ, նկատի ունենալով փոսթի ուշացումները, պիտի ջանաք կանուխէն ղրկել 1993-ի շրջանին համար՝ սկսելով 1993-ի Յունուարի թիւէն:
Նոյեմբերի մէջ հրատարակեցի (ամբողջութեամբ) Հայաստանի Հանրապետութեան Ուղին։ Շատ հաւնեցայ: Իմ մտքով եւ տեսակէտներով գրուած յօդուած էր: Ապրիս: Իմ կարգ մը գրութիւններուս մէջ, թէպէտ հարեւանցի, ես ալ արտայայտած եմ նման մտքեր: Կարգ մը (պէտք է ըսել շատ մը) մտաւորականներ եւ գրողներ անհաւատալի այլափոխութիւն կը ցուցաբերեն, անտեսելով կամ պէտք է ըսել՝ ուրանալով Հայաստանի խորհրդային շրջանի ազգային, մշակութային եւ գիտական մարզերու մէջ ունեցած փառապանծ վերելքը, մասնաւորապէս հայ ժողովուրդի 70 տարուայ անվտանգ ու խաղաղ կենցաղը:
1993-ի շրջանին համար ազատ էք գրել ինչ որ կ’ուզէք, չմոռնալով սակայն, որ մենք՝ հնչակեաններս, Հայաստանի պետականութեան եւ անոր ներկայ կառավարութեան քաղաքականութեան զօրավիգ ենք:
Գ.– Նպաստի նուազման մասին – Կը գրէք թէ ինչո՞ւ Ս. Կ.[cccxcv] Օժանդակի նպաստը նուազած է: Պատճառը շատ պարզ է, ա.– ներկայիս interest-ները[cccxcvi] շատ վար եկած են, մինչեւ 3 ½ երբ նախապէս կը ստանային 9.5%: բ.– Նուիրատուներ գրեթէ չքացած են, հետեւանքն է Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ վիճակի. ժողովուրդը իր ուշադրութիւնը հոն կեդրոնացուցած է: Մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք եւ պիտի ընենք աւելի լաւ արդիւնքի համար: Այս տարի Ձեզի 2500, իսկ Կիլիկեանին 1000 տոլար (գումար՝ 3500 տ.) ղրկեցինք:
Դ.– Երկու ֆոնտերու նպաստընկալ սաներու անուանացանկեր ղրկած էք: Շատ ճիշդ մտածուած է: Կը թելադրեմ ամէն տարի նոյնը ընել: Լաւ պիտի ըլլայ եթէ անգլերէնով գրուած է անունները,[cccxcvii] ինչպէս նաեւ ֆոնտերու անունները:
Ե.– «Երիտասարդ Հայաստան»ի 90-ամեակը – Կեդրոնական Վարչութիւնը լաւ մտածած է հրահանգելով պատշաճ տօնակատարութիւն կամ նշում շրջաններու մէջ: Չեմ գիտէր թէ որքանո՞վ շրջանները պիտի արձագանգեն եղած հրահանգին: Հարկ է վերլուծական մը կատարել «Եր. Հայաստան»ի 90-ամեայ գոյութեան, որ կուսակցական փրոփականտ[cccxcviii] մըն ալ է: Ատիկա Ձեզի կը ձգեմ, երբ որ կարելի է այդ ընել: Հիմնուած է 1903-ին, 1975-էն ի վեր կը հրատարակուի (18 տարի) որպէս ամսաթերթ իմ խմբագրութեամբ եւ ջանքերով: 18 տարի առանց դադարի լոյս կ’ընծայեմ անձնական բացառիկ զոհողութեամբ: Կը մտածեմ 1993-էն ետք հրատարակել 200 էջով հատոր մը՝ նուիրուած 90-ամեակին: Այս մասին կոչ-նամակ մը պիտի ղրկեմ մեր մտաւորականներուն որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն: Այս մասին կը սիրեմ լսել Ձեր թելադրութիւնները:
Զ.– Կը գրէք թէ տարակարծութիւններ կան Կ.ի եւ Վ.ի[cccxcix] միջեւ: Շնորհակալ կ’ըլլամ եթէ զիս տեղեակ պահէք մանրամասնութեանց: Վստահ կրնաք ըլլալ որ իմ մօտ միայն կը մնան անոնք: Լաւ է որ գիտնամ, որպէս Կեդրոնի անդամ, իմ տեսակէտներս ունենալու համար այդ տարակարծիք հարցերու[ն] մասին:
Կը յուսամ շուտով լսել Ձեզմէ:
Ընկերական անկեղծ բարեւներ եւ յաջողութեան մաղթանքներ:
Օգոստոսէն ի վեր Ձեզի «Եր. Հայաստան» կը ղրկեմ առանձինն՝ օդային գծով, Գոլէճի[ն] հասցէով: Ձեր յաջորդ նամակին մէջ հաճեցէք յիշել թէ ստացա՞ծ էք զանոնք:
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 1 Մայիս 1993[cd]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ, Լիբանան.
1993 Մայիս 3-ին կ’ամբողջանայ «Երիտասարդ Հայաստան»ի հրատարակութեան 90-ամեակը:
«Երիտասարդ Հայաստան»ը, որպէս կուսակցութեանս առաջաւոր օրկաններէն մին, 90 տարի ամուր կանգնած մնաց հնչակեան գաղափարախօսութեան պատնէշին վրայ, հակառակ տնտեսական ծանր տագնապներու, շնորհիւ Ամերիկայի հնչակեան ընկեր-ընկերուհիներուն:
«Երիտասարդ Հայաստան»ի այս պատմական իրողութիւնը բարձր հանգամանքով նշելու մտադրութեամբ, որոշած ենք հրատարակել բացառիկ հատոր մը 1993-ի ընթացքին: Հատորը պիտի ընդգրկէ.
Ա.– «Երիտասարդ Հայաստան»ի մահացող եւ ապրող խմբագիրներու, աշխատակիցներու լոյս տեսած լաւագոյն եւ տակաւին այժմէական նկատուող յօդուածներ:
Բ.– Ներկայիս ապրող հնչակեան մտաւորականներէ եւ գրագէտներէ գրութիւններ:
Նիւթեր.– Գաղափարական, կուսակցական, ազգային, քաղաքական հարցեր եւ գրական՝ բանաստեղծութիւններ՝ արձակ կամ չափաւոր:
Հեռու կենալ ողջոյնագրերէ (պիտի հրատարակուին միայն պաշտօնական մարմիններու ողջոյնագրերը):
Այս առթիւ, կը խնդրենք Ձեր բարեհաճ մասնակցութիւնը բերել ծրագրուած հատորին՝ Ձեր նախընտրած նիւթերով:
Յօդուածները խմբագրութեանս հասած պէտք է ըլլան ոչ աւելի ուշ քան 15 Սեպտեմբեր 1993[-ը]:
Կանխայայտ շնորհակալութիւններ:
«Երիտասարդ Հայաստանի»ի
90-ամեակի Հատորի Խմբագրական Մարմին
Պատասխանատու խմբագիր՝
ԱՐՍԷՆ ՃԵՐԵՃԵԱՆ
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
[Փարամուս,] 21 Հոկտեմբեր 1993[cdi]
Սիրելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Պէյրութ, Լիբանան.
Ձեր ղրկած յօդուածներն ու նամակը ստացած եմ:
Ուրախ եղայ իմանալով,[cdii] որ տիկին Լ. Սիմոնը[cdiii] իր խոստումը յարգած է: Տօնիկեանի մեկնումէն վերջն ալ ես տիկին Սիմոնին խօսելու առիթ ունեցայ այդ մասին՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի Յանձնախումբի նիստերուն առիթով, որուն մէկ անդամն եմ այստեղ:
«Երիտասարդ Հայաստանի»ի մասին.
Անմիջապէս փակելու հարց մը չկայ: Կրնամ 2-3 տարի եւս շարունակել: Սակայն լաւ պիտի ըլլայ, որ հիմնական կարգադրութեան եզր մը գտնենք այս պատմական թերթի յարատեւութեան համար:
Ես 18 տարիէ աւելի ոչ միայն «Երիտասարդ Հայաստան»ը կանգուն պահեցի, այլ եւ հնչակեան այս շրջանը: Գնահատողներ քիչ են, իսկ նախանձողներ՝ շատ, Գալիֆորնիայէն մինչեւ Պէյրութ:
Ես անկեղծութեամբ կ’ուզեմ որ «Երիտասարդ Հայաստան»ը շարունակուի հրատարակուիլ Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ, որպէս պաշտօնական օրկան «Արարատ»ի կողքին: Այս է որ ես խօսեցայ ընկեր Վահրիճին եւ գրեցի պաշտօնական նամակ Կեդրոնին: Վահրիճը կ’ուզէ սպասել յառաջիկայ Պատգամաւորական Ժողովին: Բայց ես յոյս չունիմ նկատի ունենալով համագումարին ներկայանալիք բացասական ուժերու ներկայութիւնը, որոնք պիտի չհասկնան իմ առաջարկին իմաստը:
Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը պէտք ունի զուտ գաղափարական օրկանի մը, որուն շուրջ պէտք է համախմբուի հնչակեան մտաւորականութիւնը:
Դաշնակցութիւնը ունի «Դրօշակ»ը «Ազդակ»ի կողքին: Մենք ալ պէտք է ունենանք մերը, նոր խմբագրական կազմով մը: Հոս ես առանձին եմ, դժուարութիւնները՝ բազմաթիւ: Ես քեզ նկատի ունիմ, որպէս պատասխանատու խմբագրի պաշտօնին, Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ: Իմ այս համոզումը յայտնած էի նաեւ Վաճրիճին: Եթէ կ’ուզես՝ այս մասին գրէ՛ ինծի, ունենանք նախնական խորհրդակցութիւն:
Կը խնդրեմ որ Դուք Ձեր աշխատակցութիւնը շարունակէք ինչպէս որ համաձայնած ենք՝ յառաջիկայ տարուան համար ալ:
* * *
Նոյեմբեր 7-ին Ճըրզիի մէջ պիտի նշենք «Երիտասարդ Հայաստան»ի 90-ամեակը ճաշկերոյթ-հանդէսով:
* * *
90-ամեակի առիթով հրատարակուելիք հատորին համար քանի մը գրութիւններ ստացած եմ միայն: Պէյրութէն միայն քիչեր[է՝] տիկին Սիմոնեանէն եւ Հրանդ Գանգրունիէն ստացած եմ, հակառակ որ բազմաթիւներու դիմած էի: Չեմ յուսահատիր, կը սպասեմ, կրնանք ուշացումով հրատարակել երբ պատրաստ ըլլան նիւթերը:[cdiv] Իմ փափաքս էր որ այդ հատորին մէջ իրենց անունները ունենային նոր ու հին բազմաթիւ հնչակեան գրիչներ:
Ընկերական ջերմ բարեւներ Ձեզ[ի] եւ Ձեր ազնիւ տիկնոջը:
Սիրով՝
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 13 Դեկտեմբեր 1993[cdv]
Սիրելի Պէպօ, ես նամակդ եւ ղրկուած յօդուածները ստացած եմ: Իմ Մոնթրէալ չմեկնած եւ վերադարձէս ետք գրած եմ ձեզի: Կը զարմանամ որ նամակներս չեն ստացուիր:
Վերջին նամակիս մէջ (Մոնթրէալէն գալէս ետք) գրած էի մօտաւորապէս հետեւեալը…
«Ղրկուած նամակդ եւ յօդուածներդ ստացած եմ (Նոյեմբերի եւ Դեկտեմբերի համար: Ուրախ եմ որ ղրկածս չէիր ստացած:
«Ուրախ եղայ իմանալով որ տիկին Սիմոնը իր խոստումը յարգած է: Տօնիկեանի մեկնումէն վերջն ալ ես տիկին Սիմոնին խօսելու առիթ ունեցայ «Հայաստան» Հիմնադրամի Յանձնախումբի նիստերու ընթացքին, որուն մէկ անդամն եմ այստեղ»:
«Երիտասարդ Հայաստան»ի մասին գրած էի. «Անմիջապէս փակելու հարց չկայ, կրնամ ժամանակ մը եւս շարունակել: Սակայն լաւ պիտի ըլլայ որ հիմնական կարգադրութեան եզր մը գտնենք այս պատմական թերթի յարատեւութեան համար»:
«Երբ Վահրիճը հոս էր, իմ առաջարկս եղաւ «Եր. Հայաստան»ը փոխադրել Պէյրութ եւ դարձնել Կեդր. Վարչութեան օրկան, «Արարատ»ի կողքին, ինչպէս Դաշնակցութիւնը ունի «Դրօշակ»ը «Ազդակ»ի կողքին»:
«Եր. Հայաստան»ը պատմական անուն է, եւ պէտք է շարունակուի հրատարակուիլ որպէս զուտ գաղափարական օրկան: Եւ նշած էի որ յարմարագոյն խմբագիրը կրնայ ըլլալ Պէպօն, եթէ ժամանակը կը ներէ: Ես խոստացայ տնտեսապէս օժանդակել եթէ նման որոշում մը առնուի:[cdvi] Բայց յոյս չունիմ, նկատի ունենալով Կեդրոնի բա[ցա]սական տարրերը, որոնք պիտի չհասկնան իմ առաջարկիս իմաստը»: «Կը խնդրեմ որ դուն քու աշխատակցութիւնդ շարունակես, ինչպէս որ է, նաեւ յառաջիկայ տարուան համար ալ»:
Նման խօսքերով նամակ մը ղրկած էի, երբ տակաւին յօդուածները ստացուած չէին ինձմէ:
* * *
«Երիտասարդ Հայաստան»ի 90-ամեակի նշումը տեղի ունեցաւ տեղւոյս մէջ Նոյ. 1-ին, ինչպէս յայտարարուած էր, երես ճերմկցնող յաջողութեամբ: Ժան Աբոյեանը[cdvii] հրաւիրած էի խօսելու:
Այդ մասին կրնաս տեսնել Դեկտեմբերի թիւին մէջ: Քու՝ բացառիկին համար ղրկած յօդուածը դրած եմ, որպէս առաջնորդող յօդուածի: Իսկ Ծառը պիտի գործածեմ Յունուարի համար: Ուստի նկատի ունեցիր յաջորդող թիւերը:
Բացառիկի մասին ու 90-ամեակի առթիւ հատոր մը հրատարակելու որոշումով, հրաւէրներ ղրկած եմ մեր բոլոր հնչակեան գրիչ բռնողներու, նոր թէ հին: Սակայն ժամկէտին (Սեպտ. 15) երեք յօդուած ունէի ձեռքս՝ քուկդ, տիկնոջդ եւ Հրանդ Գանգրունիին[ը]:[cdviii] Իսկ Նոյեմբերի 1-ին հասաւ հինգ հատ ալ: Ուստի չէի կրնար հրատարակութեան ձեռնարկել (Վահրիճ, Ժիրայր, Ադամեան,[cdix] Յարութ Տէր Դաւիթեան)[cdx]:
Իմ նպատակը հատորով մը «Եր. Հայաստան»ը փառաբանել չէր միայն, այլ մեր հին գրողներու եւ նորերու գրիչներով ցուցադրել հնչակեան մտաւորականութիւնը: Ես չեմ հրաժարած այդ մտքէն: Դարձեալ պիտի դիմեմ անոնց որ չեն ղրկած: Պէյրութի շրջանին ղրկուած անուններն են՝ տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան, տոքթ. Արշակ Գազանճեան, Սարգիս Նաճարեան, Շխրտըմեան,[cdxi] Ազնիւ Կիտուր,[cdxii] Կարապետ Հաննէսեան, Գ. Մ. Գեղունի, Գէորգ Տարօնի,[cdxiii] Սեպուհին,[cdxiv] Դամասկոսէն՝ Տիրան Ակինեանին, Աղայեան,[cdxv] որոնք չեն պատասխանած: Կրնա՞ս ճշդել թէ այս ընկերները ստացա՞ծ են թէ՞ ոչ իմ ղրկած հրաւիրագ[ի]ր[ն]երը, որոնք ես տրցակով ղրկած էի «Արարատ»ի խմբագրատունը՝ իրենց տրուելու համար: Շնորհակալ կ’ըլլամ եթէ այս մասին գրես ինծի:
Կուսակցական գծով ըսեմ որ դժբախտութիւն է որ Կեդրոնը համախոհ ընկերներով կազմուած չէ եւ գործերը կը կաղան: Ես շատ տխուր եմ մեր կուսակցութեան ապագայով: Կարգ մը անատակ ուժեր խմբակցելով կ’ուզեն Կեդրոնի[ն] ղեկը իրենց ձեռքին մէջ առնել: Անհրաժեշտ է յառաջիկայ համագումարէն առաջ առողջ քայլերով փրկել կացութիւնը: Լաւ կ’ըլլայ որ դուն եւ Վահրիճը Պէյրութի երիտասարդ ուժերուն հետ ձեր յարաբերութիւնները ջերմացնէք:
Ջանանք յաճախ գրել իրարու, տեղեակ ըլլալ իրարմով: Քու նամակներդ, որ փոստի միջոցաւ կը ղրկես, ստացուած են:
Բարեւներս ազնիւ տիկնոջդ: Իր յօդուածը սքանչելի էր: Պահած եմ հրատարակութեան համար:
* * *
Նոր Տարուան առթիւ Ձեզ[ի] կը մաղթեմ երջանիկ տարիներ:
Յ.Գ.– «Սահակեան» Օժանդակ Մարմնի մասին կը գրեմ առանձինն: Տէր Գառնիկը ներկայիս Գալիֆորնիա մեկնած է. երբ գայ՝ խմբանկար մը կը ղրկենք գրութեան հետ:
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
[Փարամուս,] 19 Ապրիլ 1994[cdxvi]
Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Հակառակ փափաքիս, ակամայ ուշացուցի նամակս: Այս տարի շատ խիստ ձմեռ ունեցանք: Չկրցանք հաւաքուիլ, որով չկրցայ Ձեզի ղրկել Ս. Կ. Օժանդակ Մարմնի խմբանկարը՝ տարեգրքին համար:
Այսօր, 18 Ապրիլ, ստացայ Մայիսի համար ղրկուածը՝ «Կրօնքը եւ պետութիւն»: Կը յուսամ որ Յունիսին աւելի կանուխ կը ղրկէք:
Լոյս տեսած Ապրիլի թիւը փոստին յանձնեցի Ապրիլի 18-ին․ եթէ կրնաս յաջորդ նամակիդ մէջ նշէ թէ ո՛ր թուականին հասաւ Ձեզի: Պէյրութ ղրկուած թերթերը օդային գծով ղրկուած ըլլալով, կ’ուզեմ գիտնալ թէ ե՛րբ հասած են այդ տեղ:
Ընկեր Մ. Ադամեանը եւս սկսաւ աշխատակցիլ «Ե. Հ.»ին։
«Եր. Հայաստանի» մասին… ինչպէս գրած էի, իմ մտադրութիւնս էր «Եր. Հ.»ը Կեդրոնական Վարչութեան յանձնել որպէս Կեդրոնի պաշտօնական օրկան, ըլլալու խօսնակը Հնչակեան կուսակցութեան ազգային, քաղաքական ու գաղափարական դիրքաւորումներուն, ինչպէս Դաշնակցութիւնը ունի «Դրօշակ»ը: Ռ․ Ա․ Կ․ը վերջերս «Պայքար»ը վերածեց գաղափարական օրկանի (թէպէտ ամսաթերթի):
Չեմ խորհիր թէ Կեդրոնի պաշտօնակիցներս կրցան հասկնալ եւ գնահատել առաջադրութեանս իմաստը: Կ’երեւի թէ անոնք շատ աւելի մտահոգուած են յառաջիկայ համագումարի ընտրական հարցերով:
Ամենայնդէպս ես կը շարունակեմ հրատարակել մինչեւ յառաջիկայ համագումարը: Փափաքս է որ Դուք Ձեր աշխատակցութիւնը շարունակէք ինչպէս որ է:
Իմ մասնաւոր յարգանքներս Ձեր ազնիւ տիկնոջ:
Ընկերական ջերմ բարեւներ:
[ստոր.՝ Արսէն Ճերեճեան]
Յ.Գ.– ա.– Ճերեճեան Հիմնարկի նպաստը պիտի ղրկուի իր ատենին:
բ.– Եթէ կան բաներ որ կ’ուզէք որ տեղեակ ըլլամ, հաճեցէ՛ք գրել ինծի, կուսակցականօրէն օգտակար է, որ գիտնամ տեղւոյդ կացութեան մասին: Վստահ եղէք որ իմ մօտ փակուած կը մնան:
Նոյն
* * *
[Փարամուս,] 22 Հոկտ[եմբեր] 1994[cdxvii]
Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
«Երիտասարդ Հայաստան»ի մասին գրած էի քեզ[ի] ժամանակ մը առաջ:
Վերջին ապահովագրուած նամակիդ գոհացում տալու համար, ներկայ[իւ]ս կ’ուզեմ քիչ մը եւս լուսաբանել քեզ:
Որոշած ըլլալով հանդերձ մինչեւ 16-րդ համագումար տեւականացնել հրատարակութիւնը, գրած էի ընկեր Վահրիճին (որպէս Կ. Վ.ի ատենապետ), որ կը մտածէի դադրեցնել «Ե. Հ.»ի հրատարակութիւնը Նոյեմբերին: Ապա, եթէ Կեդրոնը պիտի որոշէ յանձն առնել զայն, կրնայ սկսիլ հրատարակել որպէս իր օրկանը՝ թարմ խմբագրական մարմնով մը: Այդ հարցը այդպէս մնացած ըլլալով, շրջանիս Վարիչ Մարմնոյ ժողովը Օգոստոս 7-ին որոշեց մինչեւ 16-րդ համագումար շարունակել, կամ մինչեւ այն ատեն որ ես կը կամենայի: Բայց ես պիտի չկրնամ 16-րդ համագումարէն անդին շարունակել, անձնական պատճառներով: Պէտք է ըսեմ նաեւ որ դժուարութիւնները շատ են. թերթ հրատարակելը մէկ մարդու գործ չի կրնար ըլլալ: Իմ ամբողջ ժամանակս կլանուած է ատով: Գաղափարական նախանձախնդրութիւնս թոյլ չի տար որ դադրեցնեմ հրատարակութիւնը: Շատ ցաւ պիտի զգամ եթէ «Ե. Հ.»ը դադրի:
Մինչեւ վերջնական կարգադրութիւն՝ բարեհաճիր շարունակել աշխատակցութիւններդ: Ես քու վարձքդ կ’երաշխաւորեմ:
Ընկեր Ժիրայրի մասին. Շատ ցաւ զգացի որ նման անպատշաճ կերպով պաշտօնէ արձակած են զինք: Նորութիւն մը չէ: Մեր կուսակցութիւնը չի կրնար յարգել եւ գնահատել իր արժէքները: Ինծի նախ Վահրիճը տեղեկացուց շատ վրդոված կերպով: Ապա Ժիրայրէն ստացայ մանրամասն տեղեկագիր մը: Ի՞նչ կրնայի ընել, ես շատ հեռու եմ Կեդրոնէն, շատ քիչ բան կը լսենք, այն ալ՝ շատ ուշ: Այլ օրինակ մը՝ «Եր. Հայաստան»ի 90-ամեակն էր. ո՛չ մէկ շրջան բարեհաճեցաւ նշել այն, ո՛չ Պէյրութը եւ ո՛չ իսկ Գալիֆորնիան, որ Ամերիկայի մէկ շրջանն է:
Համաձայն եմ որ Կեդրոնը անդամալոյծ է: Ընտրուած կազմը յուսադրիչ ըլլալէ հեռու էր, կարգ մը հին՝ «Ղարիպեան»[cdxviii] շրջանի հոգեբանութեամբ մարդոց անդամակցութեամբ, որուն մէջ բաժին ունեցաւ նաեւ Ժիրայրը, նկատի ունենալով 14-րդ եւ 15-րդ համագումարներու ընթացքին կատարուած ընտրական քէմփէյնի[cdxix] խլրդային աշխատանքները:
Իմ լուրջ կարծիքով, եւ ի փառս կուսակցութեան, պէտք է մեղմացնել եւ դադրեցնել պայքարը ձեր եւ Վարիչ Մարմինի[ն] միջեւ 16-րդ համագումարէն առաջ: Այս մասին գրած եմ նաեւ Վահրիճին նոյնը, հակառակ անոր որ Պէյրութի երիտասարդները ինծի հանդէպ ալ անտարբեր դիրքաւորում որդեգրած են:
Կեդրոնի[ն] հեղինակութիւնը տկար է, որովհետեւ Յակոբ Պէրպէրեան, Հերի Տրամէրեան եւ իրենց միացած Արշակ Գազանճեան կը գործեն Վահրիճի ատենապետութեան դէմ: Իսկ մնացածներէն ոմանք չէզոքութիւն կը խաղան, վախնալով յառաջիկայ համագումարին մէջ քուէ կորսնցնելէ:
Բայց մենք իմաստուն պէտք է ըլլանք աշխատելով մեզի հետ ունենալ Գալիֆորնիոյ եւ Պէյրութի ձայները, որպէսզի կարենանք Կեդրոնը ձեռքի մէջ ունենալ: Այդ ընելու համար պէտք է ունենալ խոհեմութիւն, լայնախոհութիւն եւ իրատեսութիւն:
Եթէ ունիք որեւէ թելադրութիւն՝ բարեհաճեցէ՛ք գրել ինծի:
Ընկերական ջերմ բարեւներ Ձեզ[ի] եւ ազնիւ տիկնոջդ:
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
Յ.Գ.– I. Յառաջիկայ տարի «Սահակեան»ին եղած նպաստը պիտ[ի] բարձրացնեմ 5.000 տոլարի Ճերեճեան Ֆոնտէն:
- Այն պարագային որ «Ե. Հ.»ը որոշուի Պէյրութ հրատարակուիլ, Ժիրայրին պիտի առաջարկուի խմբագրապետի պաշտօնը՝ ըստ Վահրիճի եւ իմ մտադրութեան: Այս մասին ալ կրնաս կարծիքդ գրել:
[ստոր.՝ Ա եւ Ճ տառերու կապգիր]
* * *
[Փարամուս,] 13 Սեպտ[եմբեր] 1996[cdxx]
Սիրելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
Ստացած եմ ղրկած յօդուածներդ եւ հրատարակած «Ե. Հ.»ի Օգոստոս-Սեպտ. միացեալ թիւին մէջ: Յաջորդ թիւը պիտի ըլլայ Հոկտեմբերը: Առաւելաբար նուիրուած պիտի ըլլայ Անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան 5-րդ արժելից տարեդարձին:
Պիտի շարունակեմ ջանալ հրատարակել «Ե. Հ.»ը, տարին 10 թիւով, փոխանակ 12-ի, գործն ու ծախքը զեղչելու մտադրութեամբ: Յուսամ որ Կ[եդրոնական] Վարչութիւնը վերջ ի վերջոյ կարողութիւն եւ տրամադրութիւն պիտի ունենայ զայն հրատարակելու որպէս իր կեդրոնական օրկանը: Ես շատ ցաւ պիտի զգամ եթէ ստիպուիմ զայն դադրեցնելու: Շուտով ան պիտի հասնի (1998-ին) իր 95-ամեակին:
Կը յուսամ որ պիտի շարունակես գործակցիլ ինծի, ինչպէս Երեւանի մէջ խօսեցանք այդ մասին: Աշխատածդ պիտի գնահատուի:
Ես Հայաստանէն վերադարձիս մէկուկէս ամիս շատ գէշ կերպով հիւանդ մնացի Հայաստանի մէջ եւ կամ ալ վերադարձի օդանաւին մէջ կերուած ուտելիքէն թունաւորուած ըլլալով: Այժմ շատ լաւ եմ եւ տրամադրութիւնս՝ աւելի բարձր:
Կը սպասեմ լսել քեզմէ Դիւանիդ գործունէութեան մասին: Ընտրութեան մասին ընկեր Մ. Սեֆերեանը[cdxxi] fax-ով քննադատական տեղեկագիր մը ղրկած էր Կեդրոնի անդամներուս: Լաւ է որ մենք այդ մասին լսենք Դիւանէդ: Գրէ՛ նաեւ թէ ինչ կ’ընես, որպէս գործ:
Կը մաղթեմ որ առողջութեամբ լաւ եւ հանգիստ էք:
Բարեւներս գրագէտ տիկնոջդ:
Ընկերական ջերմ բարեւներով՝
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 25 Մարտ 1997[cdxxii]
Յարգելի ընկեր Պ. Սիմոնեան,
«Նայիրի»ի մէջ կարդացի ի պատիւ Ձեզի տրուած հանդիսութեան մասին: Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ Ձեզ, իմ գնահատականը միացնելով օրուայ հանդիսականներու ցուցադրած մեծարանքին, Ռուբէն Սեւակի մրցանակին յանձնումին եւ «Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն» հատորիդ հրատարակութեան առթիւ:
Ես շատ մը պատասխանատու ընկերներու եւ այլ բարեկամ մտաւորականներու ըսած եմ՝ Պէպօ Սիմոնեանը հնչակեան շրջանակի միակ վաւերացուած գրագէտն է, պէտք է գիտնալ գնահատել զինք: Եւ այս՝ համոզումով է:
Այս առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորեմ Ձեզ:
Հնչակեան շրջանակը պէտք է գիտակցի գնահատել մեր մտաւորականները՝ գրագէտ, բանաստեղծ, խմբագիր եւ գործիչներ:
* * *
«Երիտասարդ Հայաստան»ի Յունուար[ի], Փետր. [ի] եւ Մարտ[ի] համարները լոյս տեսան, յաջորդն է Ապրիլը: Ցարդ չեմ ստացած Ձեր խոստացած յօդուածը: Եթէ կարելի է՝ շուտով առաքեցէ՛ք: Եթէ պիտի չկրնաք ղրկել, նոյնպէս գրեցէ՛ք ինծի:
Լիակատար ժողովի մասին բան չեմ իմացած, տեղի ունեցա՞ւ կամ ոչ: Հաճեցէ՛ք գրել:
Բարեւներ՝
[ստոր․՝ Արսէն Ճերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 5 Օգոստոս 1997[cdxxiii]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Ստացած եմ կուսակցութեանս ներկայ իրավիճակի բնորոշումը պատկերող տեղեկագիրն ու նամակդ: Ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ ներկայ կացութիւնը Լիբանանէն Հայաստան թէ Գալիֆորնիա: Կուսակցական եւ գաղափարական ոչ մէկ նախանձախնդրութիւն կրնանք գտնել շրջաններու ղեկավարներու մօտ: Իւրաքանչիւրը իր սեփական հաշիւներով կ’առաջնորդուի առանց նկատի ունենալու կուսակցութեան գերագոյն շահը: Իսկապէս ցաւալի է, որ Դիւանը կը տուայտի ստեղծուած դժուարութեանց մէջ:
Որոշած եմ լայնօրէն անդրադառնալ իւրաքանչիւր հարցերուն, որոնք մեզ կը յուզեն: Մօտերս կը գրեմ:
Առայժմ Ձեզ[ի] կը մաղթեմ համբերութիւն եւ լրջախոհութիւն՝ արդարութեամբ դատելու հարցերը:
Յ.Գ.– ա.- Ցարդ գ[ի]րքերը չեմ ստացած, ոչ ալ տեղեկացուած է ինծի, որ գոնէ երթամ առնեմ: Այդ հատորներէն ղրկա՞ծ ես թերթերուն կամ հաստատութիւններու:
բ. Ես ղրկած էի «Եր. Հայաստան»ի 1996-ի Յունուար ու Փետրուար միացեալ համարը: Իմ քով այդպէս արձանագրուած էր: 1997-ի Յունուար-Փետր.ի համարները լոյս տեսած են անջատաբար: Շփոթութիւն մը կայ: Ամենայնդէպս զանոնք ալ կը ղրկեմ ներկայովս:
Ջերմագին բարեւներ Ձեզ[ի] եւ ազնիւ տիկնոջդ:
Սիրով՝
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 31 Օգոստոս 1997[cdxxiv]
Յարգելի ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Ցարդ չեմ ստացած Սեպտ.ի թիւին համար Հայաստանի անկախութեան 6-րդ տարեդարձին նուիրուած յօդուածդ: Եթէ կրնաս՝ շուտով ղրկէ՛, կրնամ գործածել այս կամ Հոկտեմբերի համարին մէջ: (Կրնաս fax ընել, ծախքը կը վճարեմ):
Նոյեմբերի թիւը պիտի յատկացնեմ Ս. Դ. Հ. Կուսակցութեան 110-րդ ամեակին:[cdxxv]
Այսօր (8/31) տիկին Պալեանը բերաւ եւ ինծի յանձնեց երեք օրինակ-«Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն» գրքէդ: Մէկ օրինակը արդէն մակագրուած էր իր կողմէ նուէր այլ անձի մը (ուսուցչուհի), որպէսզի ղրկէ անոր: Այդ ետ իրեն պիտի տամ որ ղրկէ այդ ուսուցչուհիին:
Ես հինգ օրինակ ուզած էի, որպէսզի ղրկեմ Ամերիկայի հայկական թերթերուն: Չեմ գիտեր թէ դուն ղրկա՞ծ ես Պէյրութի եւ այլ արտասահմանի թերթերուն կամ կեդրոններու: Այս մասին, երբ գրես, հաճիս տեղեկագրէ՛ ինծի:
Այս օրերս շատ զբաղուած ըլլալով, չկրցայ գրել կուսակցական հարցերու մասին, որոնք մեզ կը յուզեն:
Ջերմագին բարեւներ քեզ[ի] եւ ազնիւ տիկնոջդ:
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
[Փարամուս,] 25 Յունիս 1998[cdxxvi]
Մեծայարգ ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Չափազանց զգացուած կը մնամ Ձեր արտասանած «դամբանական»էն, որ ըրիք «Երիտասարդ Հայաստան»ի 25-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին, իմ անձիս մասին: Վստահ եմ, ինչ որ ըսիք, անկեղծ եւ չափուած խօսքեր էին: Մանկութենէս ի վեր, տարիներ շարունակ, ներշնչուած «Սահակեան»ի իմ ուսուցիչներէն, աշխատած եմ նպաստել մեր կուսակցութեան եւ յարակից հաստատութիւններու փառաւորմանը: Դժբախտաբար, մեր մէջ շատ քիչեր կան մեր իրաւ արժէքները գնահատող: Նախանձողներ եւ հալածողներ շատ են: Դուք եւս մեծ տեղ ունիք մեր արժէքաւորներու շարքին մէջ: Մեզի կը մնայ չպարտուիլ նենգաւոր հալածանքներէն եւ յամառութեամբ ամուր մնալ Հնչակեան կուսակցութեան պատուանդանին վրայ եւ շարունակել մեր երթը:
Ինչպէս ծանօթ է՝ «Երիտասարդ Հայաստան»ը շուտով կը տեղափոխուի Հայաստան:[cdxxvii] Փափաքելի է որ Դուք եւս մաս կազմէք խմբագրական կազմին եւ Ձեր ներդրումը բերէք անոր բովանդակութեանը:
Կը յուսամ լսել Ձեզմէ յաճախակիօրէն:
Գերագոյն շնորհակալութեամբ եւ ընկերական սիրով՝
[ստոր.՝ ԱրսէնՎՃերեճեան]
* * *
- Եղիկ Ճերեճեանէն
[Երեւան, 1976-ի հաւանաբար Դեկտեմբեր][cdxxviii]
Կարօտալի՛ քեռիս եւ այնքա՛ն անուշ քեռկինս,
Դ[ժ]ուար թէ մի որոշ կէտից սկսեմ նամակս, այնքան է միտս պղտոր:
Հայաստան գալէս ետք նոր է որ ապրելու եղանակս որոշ հունի մէջ դրի: Ամենաանսովոր կերպով տարտղնուած վիճակ մը ունէի:
Հոս ամէն բան բնական ընթանում է: Դասերը սկսան ծանրանալ: Յունուարին ստուգողականները պիտի յանձնենք ու աճապարում ենք պլանը կատարելու:
Դասերի կողքին միայն նոր-նոր է որ սկսայ գրականութեամբ զբաղուիլ եւ դրսեւորել ինքզինքս:
Նոյ. 29-ի առիթով տօնակատարութեան մը ներկայ գտնուեցայ ուր ելոյթ ունեցաւ Գ. Էմինը: Այդ ի՜նչ հոյակապ մարդ է… Նոյն առիթով շարադրութիւններու մրցանք եղաւ մեր հանրակացարանի ուսանողութեան միջեւ ու բնականաբար առաջին ելայ: Գրականութեան պահին ալ մի քանի ելոյթներով դասախօսը բաւականին զարմացրի:
Այն յօդուածներն ու նամակները որ յանձնած էիր ինծի (ուրիշներն ալ) սահմանը չթողեցին: Շատ փորձեցի: Բայց ի զուր:
Էստեղ կեանքը սովորական է: Մանրամասնութիւններին էլ ինձանից լաւ ծանօթ ես արդէն: Հետաքրքրական նորութիւնները նամակով յիշատակուելու չափ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ:
* * *
Նամակ ստացայ թէ մեր ընտանիքը լրիւ փոխադրուել է արդէն ու մեր տունը դատարկուել… Առաջին առթիւ բաւականին ուրախացայ: Բոլորն էլ ողջ-առողջ համախմբուել էին: Բայց թէ չգիտեմ, չեմ կարող պատկերացնել թէ էն ի՞նչ փոթորիկ էր որ անցաւ ու տարտղնեց ամէն բան: Մտածում եմ թէ էն երբեմնի ու խանդավառ օճախը դատարկուել է: Ընկ. Սարաֆեանն[cdxxix] ու Ստիկան[cdxxx] բաւականին ուրախալի մանրամասնութիւններ յայտնեցին: «Սահակեան»ը վերաբացուել է: Շատ ուրախացայ:
Յուսամ դուք հանգիստ էք:
Բալիկներս ո՞նց են: Ինչքա՜ն եմ կարօտել նրանց: Արդեօք միտքերնին գալի՞ս եմ: Կողմիցս համբուրէք:
Շատ-շատ բարեւէք քեռայրներիս, հօրաքոյրներիս, մօրաքրոջս եւ զիս հարցնողներին:
Մասնաւոր բարեւէք տէտէիս: Ասացէք թէ թոռնիկը Հայաստանում բարձր է պահում իր անունը:
Ջերմ համբոյրներով՝
[ստոր.՝ Եղիկ Ճերեճեան]
* * *
[Երեւան, հաւանաբար 1977][cdxxxi]
Սիրելի Պէպօ քեռի եւ անուշի՛կ քեռկինս,
Գօգօ քեռիին միջոցաւ ստացայ ձեր լուրերը: Որքան էլ որ Պէյրութի վիճակը նախանձելի չըլլայ, մօտիկների լուրերը առնելով կը մխիթարուինք:
Իմ կեցութեանս մասին Գօգօ քեռին բաւականին մանրամասն կը հաղորդէ: Չեմ ուզում այդ մասին ծանրանալ:
Երկար ատեն է նամակ չէի գրում: Արդարանալու պէտք չունեմ: Գիտէք իմ սովորութիւնը: «Նամակ գրել»ու պատրուակին տակ չեմ ուզում աւելորդ շաղակրատել:
Գօգօ քեռիին հետ ուղարկում եմ գրական թերթեր: Դրանցից «Սովետական Հայաստան»ի եւ «Սովետական Գրականութեան» մէջ անդրադարձուած է «Կանաչներու Առասպել»ին: Մեծ գոհունակութեամբ, մի քանի անգամ, կարդացի զանոնք:
Սիրելի ձագուկներուս՝ Տիգրանին եւ Ռազմիկին՝ շատ-շատ պաչիկներս:
Յարգանքներով՝
[ստոր.՝ Եղիկ Ճերեճեան]
* * *
Երեւան, 5 Դեկտեմբեր [19]78[cdxxxii]
Սիրելի Պէպօ քեռի, Ազատուհի քեռկին եւ բալիկներ,
Ստացայ ձեր ուղարկած շնորհաւորական քարթը ծննդեանս տօնին առիթով, գրուած քեռկինիս կողմէ:
Այն շրջանին, երբ ես սպասում էի վատթարագոյն[cdxxxiii] լուրեր հարազատներիս մասին, յանկարծ… շնորհաւորական քարթ: Շա՛տ ուրախալի էր, ո՛չ թէ որովհետեւ գոհացուած է շնորհաւորուելով, այլ որովհետեւ նման քարթ մը անուղղակիօրէն բաւականին հաճելի բան ենթադրել կու տար հարազատներիս մասին:
Լսեցի քեռիին անցուցած արկածը:[cdxxxiv] Ցաւեցայ: Բայց կարծեմ պատմական «անեքթոտ» մը դարձած է հիմա:
Ես ուրախ եւ հանգիստ եմ: Իմ մասին պապան եւ մաման կը պատմեն:
Բաւական երկար շրջան մը, ունեցայ ծանր մտահոգութիւններ: Բայց հիմա, երբ դէպքերը մեղմացած են, աւելի հանդարտ եմ եւ կը շարունակեմ իմ առօրեայ զբաղմունքներս:
Չեմ գիտեր թե ի՞նչ արձագանգ ունեցան Հայաստանում կատարուած ժողովրդային ելոյթները:[cdxxxv] Ուսանողութիւնը (տեղացի եւ արտասահմանցի) մեծապէս մասնակցեցին այդ ելոյթներին: Պէտք կա՞յ ասելու թէ ուսանողական պարագլուխներից էի…
Մամայենց հետ ուղարկում եմ «Սով. Գրականութիւն» եւ «Գարուն» ամսագրերից: Կը խորհիմ թէ նրանց պահանջքը կայ Պէյրութում:
Սիրելի քեռի եւ քեռկին, շատ հաւանաբար Յունուարին լինեմ Պէյրութ: Շատ բաների մասին կարելի է զրուցել:
Իսկ մինչ այդ ընդունէք իմ ամենաջերմ համբոյրները եւ բարեւները:
Տիգրանին ու «Ե»ազմիկին համբուրէք իմ կողմից:
Յարգանքներով՝
[ստոր.՝ Եղիկ Ճերեճեան]
* * *
Երեւան, 5 Յունիս [19]79[cdxxxvi]
Սիրելի Պէպօ քեռի, Ազատուհի քեռկին,
Տիգրան եւ Ռազմիկ,
Երկար ատեն է նամակագրական կապը մեր միջեւ՝ խզուած է: Նամակ գրելու հանդէպ ունեցած տկարութիւնս վաղուց յայտնի է: Բայց դա չի նշանակում որ նոյն տկարութիւնը ունեմ նաեւ նամակ ստանալու հանդէպ… մանաւանդ երբ դրանք Ազատուհի քեռկինին նամակներուն նման հաճելի ու խանդավառ լինեն:
Ձեր ուղարկած[cdxxxvii] բոլոր բարեւներն ու համբոյրները մեծ սիրով եմ ընդունում:
* * *
Իմ դասերը վերջացան, հիմա բրակդիկայի[cdxxxviii] մէջ եմ: Եկող ամսուայ վերջաւորութեան յանձնելու եմ պետական քննութիւններ: Ամէն ինչ նորմալ ընթանում է: Ուրախութիւնները բացարձակապէս գերակշռում են անտրամադրութեան հանդէպ: Բայց կը խորհիմ թէ նոյն բանը չի վերաբերւում նաեւ ձեզ (ի մտի ունեմ Լիբանանը ընդհանրապէս):
Երբեք խանդավառ չեմ Լիբանանի ապագայով:
Լսեցի վերջին միջադէպերը եւ «Արարատ»ի դէպքերը:[cdxxxix] Ցաւալի է: Ինչքան էլ որ ինձ համար անսպասելի չէր, նոյնիսկ սպասում էի, բայց խորապէս նեղուեցայ: Ազդուեցան նաեւ մեր բոլոր տղաքը:
Երեւի փոքր բարիք մըն է որ դուք ընտանիքով գտնւում էք «այն կողմ»:[cdxl] Այլապէս դէպքերու անմիջական ազդեցութիւնը կրնար աւելի ծանր ըլլալ, մանաւանդ Պէպօ քեռիին վրայ:
Իմ, մեր, գլխաւոր մտահոգութիւնը Պէյրութն է:
Գօգօ քեռայրներուն[cdxli] հետ հանդիպիլը բաւական դժուար է: Երեւանը ոտքերնուն տակ, իրենք էլ ազատ-անկախ ման են գալիս: Կը խորհիմ թէ նման հանգիստ մը երկար ատենէ չէին ունեցած: Մաղթեմ որ մօտ ատենէն նոյն հանգիստը, աւելի կազմակերպուած ձեւով, բաղդը կը վիճակուի նաեւ ձեզ:
Վալանթինին հարսնիքը ուրախութեամբ անցուցինք: (Մանրամասնութիւնները ստանալ ընկ. Վալանթին Իմաստունեանից):
Գրական նախասիրութիւններուս մասին յստակ խօսք չեմ կրնար ըսել: Հետեւում եմ տեղական գրական թերթերուն: Կարդում եմ: Բայց գրելու փորձեր չունիմ:
Առօրեաս ընդհանրապէս ուսանողական ընկերային-հասարակական աշխատանքներն են:
* * *
Տիգրանին ու Ռազմիկին՝ շատ-շատ պաչիկներ: Աբարը շուտով պիտի գայ ու նայի իրենց դպրոցական աշխատանքները եւ պիտի լսէ թէ «Հնչակեան ենք մենք» ինչպէ՞ս են երգում…
Սպասում եմ ձեր նամակներին:
Բարեւներ բոլորին:
Համբոյրներով՝
[ստոր.՝ Եղիկ Ճերեճեան]
* * *
Երեւան, 6 Սեպտեմբեր [19]80[cdxlii]
Սիրելի քեռի, քեռկին եւ բալիկներ,
Հանգիստ հասայ Երեւան եւ ահա մէկ շաբաթ է կանոնաւոր կերպով կը հետեւիմ դասերուս:
Զարիկին[cdxliii] հետ հաճելի պտոյտներ կատարեցինք, որոնց մասին, վստահ եմ, ինք կը պատմէ:
Սիրելի քեռի, ձեր ուզած գիրքերէն 3 հատը կ’ուղարկեմ Զարիկին հետ: Ինչ կը վերաբերուի Կէօթէի զրոյցներուն,[cdxliv] առայժմ չկրցի ճարել, զայն կ’ուղարկեմ ապագային: Կ’ուղարկեմ նաեւ Արշակ Չոպանեանի նամակներու հաւաքածոն եւ Աւետիք Իսահակեանի մինչ այժմ անտիպ (ըստ գրքի նախաբանին) հեքիաթներն ու մանկական ոտանաւորները ամփոփող գրքոյկ մը: Ինչպէս նաեւ «Գարուն»ի վերջին 2 թիւերը:
Որոշած եմ այս տարի գրականութեան հանդէպ աւելի «աշխուժ» ըլլալ: «Հայրենի Մամուլ» ընդհանուր վերնագրին տակ «Արարատ»ին պիտի ուղարկեմ այստեղի թերթերու հետաքրքրական յօդուածներու արեւմտահայերէն թարգմանութիւնները: Հինգ հատ ուղարկեցի արդէն, Զարիկին հետ: Սա մեծ աշխատանք մը չէ, միեւնոյն ժամանակ՝ «սեւ»: Միտք ունիմ նաեւ վերջին 3 տարիներու ընթացքին լոյս տեսած պատմա-քաղաքական եւ գաղափարական գիրքերու մասին գրախօսական յօդուածներ պատրաստել «Արարատ»ին համար: Ձեռքիս տակ ունիմ 7 գիրքեր այդ բովանդակութեամբ, որոնց մասին լիբանանեան թերթերը արձագանգած չեն: Սա աւելի շատ ժամանակ կը պահանջէ եւ չեմ գիտեր թէ ինչքանո՞վ հետաքրքրական է:
Սիրելինե՛ր, մեր ունեցած հանդիպումները ձեր հետ շատ տպաւորած էին մանաւանդ Հուրիկին[cdxlv] (ինձ համար նորութիւն չէ ձեր հետ հաճելի ժամանակ անց[ը]նելը):
Յուսալով, որ մեր հաճելի խօսակցութիւնները կը շարունակենք նամակագրական,[cdxlvi] մինչեւ յաջորդ հանդիպում, կը փակեմ նամակս:
Բարեւներով՝
[ստոր.՝ Եղիկ Ճերեճեան]
* * *
- Զարիկ Ճերեճեանէն
[հաւանաբար Նիս – Ֆրանսա,] 14 Նոյեմբեր 1976[cdxlvii]
Սիրելի քեռիս,
Եղաւ երեք ամիս որ ձեզմէ բաժնուած եմ: Մամային հասնելէն առաջ այդ բաժանումը կրկնապատկուած ծանր էր ինծի համար: Բայց հիմա իր ներկայութիւնը մեր մօտ աւելի կը մեղմացնէ մեր առանձնութիւնը:
Սիրելի քեռիս, այս երկրորդ ամիսն է որ դպրոց կ’երթանք: Նիսի համալսարանը ուր ֆրանսերէն լեզուի կը հետեւինք: Շատ գոհ ենք: Բաւական յառաջացանք լեզուին մէջ:
Քեռի՛ս, ինչպէ՞ս կրնամ քեզի բացատրել Ֆրանսայի կեանքը: Բոլորովին մեր կեանքէն տարբեր է: Տասներկու տարեկանին (ըլլայ աղջիկ, ըլլայ տղայ) աշխատելու կը սկսին: Չես կրնար գտնել երիտասարդ մը որ դպրոցով կամ երաժշտութեամբ կը զբաղուի, ոչ իսկ կը հետաքրքրուի: Ինծի համար շատ խորթ կը թուայ այս կեանքը: Ազգականներէ, հարազատներէ հեռու այս առանձնութիւնը շատ դժուարիս կու գայ: Միայն կ’երազեմ այն օրը որ ետ պիտի վերադառնամ եւ միանամ սիրելիներուս:
Սիրելի քեռիս,
Մեզի համար մեծ բախտաւորութիւն մը եղաւ դպրոցը: Օրուան մեծ մասը դպրոցով եւ դասով կը զբաղուինք:
Նիսի մէջ շատ մը հայ աղջիկներու ծանօթացայ, բայց անոնցմէ քիչերը հայերէն գիտեն, եւ անոնք ալ չեն ուզեր խօսիլ: Արդէն ֆրանսացի եղած են: Մեր հայկական նկարագիրը չունին: Բնաւ ընկերասէր չեն: Բոլորը քաշուած կեանք մը կ’ապրին: Հաճոյք չկայ: Միայն միակ նպատակ (դրամ շահիլ):
Շաբաթ գիշեր Հայաստանէն Օրբելեանի[cdxlviii] նուագախումբը իր երգիչներով Նիսի մէջ համերգ մը տուին: Ես ալ ամմոյիս հետ գացի: Հաճելի էր: Բայց հայ, ֆրանսացի ժողովուրդին օտարասէր նկարագիրը խանդավառութիւն չստեղծեց: Եւ անոր համար ալ քիչ մը պարզ էր: Մեր Պէյրութի խանդավառ հանդէսներուն չէր նմաներ:
Սիրելի քեռի, Սոնան[cdxlix] ալ պզտիկներով Նիս եկաւ: Հիմա միասին ենք:
Տարօնիկը[cdl] մեծցած է, այնքան գոմէտի[cdli] բաներ կ’ընէ…
Կիրակի օր երբ Հայր Սուրբը[cdlii] առաւօտեան պատարագը կ’ընէր, Տարօնը գացեր մէկ-կտոր եկեղեցիին զանգակները սկսեր է զարնել…:
Սիրելի քեռիս, լսեցի որ դպրոցը բացեր էք: Մաղթեմ որ այս վերամուտը վերջնական ըլլայ: Եւ քաղաքականութեան հաւանական լուծումը (ինչ որ հեռատեսիլէն կը լսենք) մաղթենք որ յաջողի եւ մեր վերադարձը գեղեցիկ, բայց աւերակ Լիբանան շուտ ըլլայ:
Պաչիկներով՝
[ստոր․՝ Զարիկ Ճերեճեան]
- Ժիրայր սրկ. (Տարօն վրդ.) Ճերեճեանէն
Գելհամ,[cdliii] 17 Փետրուար [19]62[cdliv]
Սիրելի Պէպօ,
Փետր. 5-ին, իմ Լոնտոն մեկնումի գիշերը, քո անակնկալ անհանգստանալը զիս եւս մտահոգեց եւ քո բացակայութիւնը զգացի մեր տան մէջ, ուր շատեր եկած էին ինծի բարի ճանապարհ մաղթելու:
Համոզուած եմ, որ այժմ հիւանդ չես, զբաղուած ես քո դպրոցական գործերով, եւ մանաւանդ՝ (կատակ) ախորժակդ տեղն է եւ կը ճաշակես մօրդ պատրաստած համադամ ճաշերը անկուշտօրէն, քու պատուէրի համաձայն, եւ ապա պահ մը կը ննջես անկասկած, մինչդեռ ես, այստեղ, զանոնք չեմ կրնար երազել նոյնիսկ: Ճաշացուցակը բոլորովին տարբեր է: Ժամանակի կը կարօտիմ այդ ճաշերը ուտել[ու] վարժուելու համար:
Չմոռնաս նաեւ Արայի[cdlv] առողջութեան մասին գրելու: Ինք եւս լուրջ հիւանդ էր երբ վերջին օրը կրկին հանդիպեցայ՝ մնաք բարով ըսելու: Կատարեալ ապաքինում եւ մշտատեւ առողջութիւն կը մաղթեմ երկուքիդ ալ:
Բաւական հետաքրքիր եղաւ ճանապարհորդութիւնս եւ նորութիւններով լի: Հակառակ, որ 6-ի առաւօտեան կանուխ գացինք օդանաւակայան, որպէսզի ժամանակ ունենանք բոլոր ձեւականութիւնները վերջացնելու եւ օդանաւը չփախցնելու, բայց եւ այնպէս, օդանաւը գնաց առանց ինծի[cdlvi] հետը տանելու:
Ժամը 7.30-ին (կ. ա.) երկրորդ օդանաւով, տարբեր ուղղութեամբ ճամբայ ելայ եւ հասայ Լոնտոն ժամը 6-ին (կ. ե.): Այսպէս՝ Պէյրութ-Հռոմ-Փարիզ-Լոնտոն:
Փարիզ փոխեցի օդանաւս, սակայն հոն մնացի հինգ ժամ: Հայր Գիւտին[cdlvii] հանդիպեցայ եւ կարողացայ բաւականին պտ[ը]տիլ քաղաքին մէջ: Այսպէս աւելի հաճելի՛ եղաւ ճամբորդութիւնս: Սակայն օդանաւին մէջ անհանգստացայ՝ առաջին անգամ ըլլալով: Չկրցայ վերջնական եզրակացութեան մը գալ, թէ արդեօք ի՞նչ էր ճիշդ պատճառը անհանգստանալուս: Բայց օդանաւը յաճախակի ուժեղ ցնցումներ ունեցաւ: Ոչ մէկ բան կրցայ ուտել օդանաւին մէջ ամբողջ օրը:
Զիս դիմաւորելու՝ օդանաւակայան եկած էր Գերշ. Պսակ Սրբազանը,[cdlviii] Եկեղեցական Խորհրդի անդամներէն մէկի հետ: Սրբազան հայրը ի պատիւ իմ ժամանման, խորովածի սեղանով մը պատուեց զիս, հրաւիրելով նաեւ Լոնտոն գտնուող երկու վարդապետները՝ Հոգշ. Զաւէն Վրդ. Արզումանեանը[cdlix] որուն լաւ կը ճանչնաս Անթիլիասէն, եւ ուրիշ երուսաղէմցի վարդապետ մը:
Յաջորդ օրը (7-ին) պատեհութիւնը ունեցայ, առաջին անգամ ըլլալով, պտ[ը]տիլ քաղաքի զանազան մասերը, մտնել մեծ խանութներէ ներս եւ այլն: Չմոռնամ ըսելու, որ քաղաքը (Լոնտոն) սարսափելի մեծ եւ ընդարձակ է: Օդանաւակայանէն մինչեւ հայոց եկեղեցին[cdlx] մօտաւորապէս 2 ժամէն աւելի տեւող ճամբայ պէտք է կտրել: Այսինքն՝ Փարիզէն Լոնտոն օդանաւը 1 ժամ 10 վայրկեանէն հասաւ, իսկ ինքնաշարժը՝ քաղաքի մէկ ծայրէն մինչեւ հայոց եկեղեցին՝ 2 ժամ 10 վայրկեանէն: Երեւակայէ՛…
Մեծ քաղաք, աշխոյժ եռուզեռ. ամէն մարդ կարծես կը վազէ տեղ մը հասնելու համար. կանոնաւոր երթեւեկ, մաքուր եւ լայն պողոտաներ, բոլորն ալ լուսաւորուած: Փողոցները օթոսթրատի ձեւով են շինուած: Փողոցի եւ մայթի միջեւ կայ նաեւ ասֆալթապատ ոչ այնքան լայն ճամբայ մը, որտեղէն կ’երթեւեկեն միայն փոքր կառքեր եւ հեծանիւ ունեցողները: Այս նաեւ նորութիւն է մեզի համար:
Այս առթիւ երկու բան աչքի զարնող նորութիւն են թէ՛ ինծի եւ թէ՛ քեզի համար:
Նախ՝ այն խանութները, որ այցելեցի, ընդարձակ են եւ զանազան ապրանքներով լի: Խանութի մը մեծութիւնը մօտաւորապէս Հաճնոյ[cdlxi] կէսին կը հաւասարի առանց չափազանցութեան: Խանութին մէջ այդ հսկայ՝ միայն մի քանի վաճառողներու կը հանդիպիս: Յաճախորդը իր նախընտրածը կը վերցնէ եւ գինը կը վճարէ դրամարկղի[ն] գլուխը նստող մարդուն: Անմիջապէս հարց պիտի տաս, որ գողութիւն չի՞ պատահիր այդքան մեծ եւ «անտէր» խանութին մէջ: Ո՛չ, բնաւ: Եթէ այսպիսի խանութներ Պէյրութի մէջ ըլլան, երկրորդ օրը տէրը կը փակէ խանութը՝ ինքզինք սնանկացած յայտարարելով:
Երկրորդը, որ տեսայ, աւելի հետաքրքրական է, հետեւեալն է. մեր առումով մուրացկաններ չկան, այլ աւելի «էնտելիկենտ» մուրացկաններ կան, աւելի զարգացած ու յառաջդիմած իրենց ասպարէզի[ն] մէջ: Գլխաւոր փողոցներու երկայնքին յաճախ կը հանդիպիս խումբ մը մարդոց, երբեմն ալ առանձին մարդու մը, որոնք ունին երաժշտական գործիքներ (փող, թմբուկ, ծնծղայ, եւ այլն), ե՛ւ դասական, ե՛ւ ժողովրդական երաժշտութենէն մասեր եւ երգեր կը նուագեն եւ մէկ ուրիշ մըն ալ, գանձանակ մը ձեռքին, անցնող մարդոցմէ դրամ կը խնդրէ:
Ժամը 2.10-ին (կ. ե.) արագագնաց շոգեկառքով Լոնտոնէն մեկնեցայ (դէպի հիւսիս) Newark քաղաքը, որու մօտ կը գտնուի աստուածաբանական այն գոլէճը, որտեղ այժմ ես կ’ուսանիմ: Լոնտոն-Նիւվորք հեռաւորութիւնը մօտաւորապէս 250 քիլոմեթր է, որը 3 ժամէն կտրեց: Իսկ Նիւվորքէն երկու քիլոմեթր դուրս է Kelham-ը, Տրէնտ գետի եզերքը փոքր գիւղ մը, որտեղ կը գտնուի գոլէճը (նկարին մէջ ամէն բան յստակ է, դպրոցի շէնքը, գետը եւ ճամբան՝ Նիւվորք-Գելհամ առաջնորդող՝ իր կամուրջով):
Ես երէկ մանրամասն նամակ մը գրեցի ծնողքիս, իրենց հասկնալի ոճով. առիթով մը այցելէ՛ եւ կարդա՛: Ես այստեղ չեմ ուզեր կրկնութիւն մը ընել ի զուր ժամանակ վատնելով:
Առ այժմ շաբաթը երեք դասեր ունիմ՝ 1) Անգլիական Եկեղեցւոյ պատմութիւն ԺԷ.-ԺԹ. դար, 2) Հին Կտակարան, 3) Անգլերէն լեզու: Իւրաքանչիւր դասի առընթեր մի քանի գրքեր եւ նօթեր ունիմ, որոնք պէտք է կարդամ եւ պատրաստուիմ: Նախ այս ձեւով լեզուին տիրանամ, յետագային մեծ դիւրութեամբ կրնամ հետեւիլ այլ դասընթացներու: Դասախօսները բոլորն ալ պատրաստուած եկեղեցականներ են: Անոնք կը խօսին եւ մենք կարելի արագութեամբ նօթի կ’առնենք: Որքան դժուար է, առայժմ, ինծի համար, հասկնալ եւ նօթի առնել:
Միաբանութեան եւ ուսանողութեան ընդհանուր թիւն է 120: Ասոնցմէ մէկը Ճափոնէն, ուրիշ մը Եթովպիայէն, երկու հոգի Անգլիական Կուինիայէն, այլ երկու հոգի Հարաւային Ափրիկէէն եւ ես՝ Լիբանանէն: Իսկ միւս բոլոր աշակերտները եկած են Անգլիոյ զանազան կողմերէն:
Մեր տրամադրութեան տակ ունինք երեք մեծ գրադարաններ, երաժշտանոց, ընթերցարան եւ զանազան խաղավայրեր: Ամէն տեսակի թերթեր, ամսագրեր եւ այլն, կը ստանանք եւ ազատ ենք կարդալու: Ուսանողութիւնը ազատ է իր պարապ ժամերուն դուրս գալու վանքէն: Ամէն տեսակի իրեղէն կարելի է գտնել վանքէն ներս՝ գնելու համար:
Հիմա, երբ նստած կը խմբագրեմ քո նամակը, դուրսը կը շողայ արեւը եւ պայծառ է երկինքը, սակայն քամին միշտ ներկայ է տանիքին վրայ:
Կան այլ նորութիւններ, որոնց մասին կը մտածեմ յաջորդիւ գրել: Եթէ ունիս որոշ հարցումներ կամ անհասկնալի մասեր իմ նամակի մէջ, պատասխան-նամակիդ մէջ գրէ, որպէսզի աւելի մանրամասն ծանօթութիւն տամ:
Կը խնդրեմ, որ նամակներս ուրիշներ չկարդան, բացի Արայէն: Հասցէս եւս ոչ մէկին մի՛ տար, որովհետեւ ես ժամանակ չունիմ ուրիշներու ալ նամակ գրելու կամ որեւէ խնդրանք մը կատարելու:
Արային հօրեղբայրը առ այժմ առիթ չունիմ տեսնելու: Ապագային օր մը, երբ Մանչեսթըր այցելեմ, անպայման կը հանդիպիմ նաեւ Արային հօրեղբօրը: Բայց մինչ այդ ես կ’աշխատիմ հասցէն ունենալ:
Եղբայրակա՛ն ողջոյններս Արային ու քեզ[ի] եւ բարեւներս ձեր ընտանիքի բոլոր սիրելի անդամներուն (Ալիսին[cdlxii] ու Արմենուհիին՝[cdlxiii] անկասկած) եւ բոլոր զիս հարցնողներուն:
[ստոր.՝ Ժիրայր Սրկ. Ճերեճեան][cdlxiv]
* * *
Լոնտոն, 21 Մարտ [19]62[cdlxv]
Սիրելի՛ Պէպօ Ջա՜ն,
Եթէ «Շա՛տ սիրելի Պէպօ» ըսեմ, կը կարծեմ, որ պարզ կրկնութիւն մը ըրած պիտի ըլլամ «Շա՛տ սիրելի Ժիրայրին», միայն իմ անուան տեղ քու անունը դնելով: Ուստի որոշեցի փոխել… Վստահ եմ, որ չես նեղուիր, երբ «Ջան»-ով սկսիմ գրել իմ նամակը: Սակայն կը զգամ, որ «Ջան»ը աւելի սրտիս խորքէն պոռթկացող անկաշառ սիրոյ աղաղակն է, որ այս իսկ վայրկեանիս հարազատօրէն դուրս կը ժայթքի սրտէս, իմ մէջն արթնցնելով անհուն կարօտի զգացումը, երբ պահ մը կ’անդրադառնամ, որ իրապէս հեռո՞ւ եմ Ձեզմէ, իմ սիրելիներէս: Օ՜հ, բոլորովին չեմ փափաքիր աւելի խորանալ իմ խոկումներուս մէջ, որովհետեւ յուզումը անզուսպ՝ շուտով կը հասնի սրտիս նրբագոյն թելերուն, անոնց վրայ նուագելու իր Կարօտի Երգը արտասուաբուխ:
Վստահ եղիր, որ բոլորովին անազնուութեամբ չպիտի թարգմանեմ այդ ընթացքդ, որովհետեւ գիտեմ, որ զբաղուած ես դպրոցական գործերով, քննութիւններով եւայլն. Եւ դուն եւս լաւ համոզուիր, իսկ եթէ չես համոզուիր, թող Արան համոզէ քեզ, որ անձնապէս անազնիւ մէկը չեմ, որ նամակիդ ուշացման պատճառով՝ սկսիմ անազնուութեամբ թարգմանել… եւ ի՞նչ թարգմանել… մէջբ.[cdlxvi] «Անազնուութեամբ պիտի թարգմանես այս ընթացքս» (փոքր կատակ մը):
Ուրախ եմ եւ երջանիկ, որ այստեղ նոր լեզու մը պիտի սորվիմ[cdlxvii] եւ պիտի խորանամ կարողութեանս չափով, որոշ գիտելիքներու մէջ. սակայն նոյնքան եւ տխուր եմ (երբ անդրադառնամ), որ տարիներ (3-4) շարունակ կտրուած պիտի մնամ հայկական կեանքէն եւ մանաւանդ շատ հեռու՝ Ձեզմէ (Արա եւ Պէպօ, միշտ երկուքդ նկատի ունիմ): Այս տարի Վարդանանցը առանձին՝ իմ սենեակի[ն] մէջ տօնեցի: Որքա՜ն հոգեպէս բաւարարուած եւ երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ Վարդանանց տօնակատարութեանց առիթով, հանդիսականներու կողքին ես ալ, նստած սրահի[ն] մէկ անկիւնը, ունկնդրէի Ձեզ եւ հպարտութեամբ ծափահարէի:
Այդ Ձեր բանախօսութեանց մասին եթէ որեւէ գնահատանքի խօսք ըսուեցաւ, եւ կամ, եթէ ամփոփ ձեւով տպուեցաւ թերթին մէջ, կը խնդրեմ, որ թերթի այդ մասը մկրատելով՝ ինծի ուղարկէք:
Իսկ «Արարատ Գրական»ի բ. թիւին կը սպասեմ այնպէս, ինչպէս ժառանգորդը՝ պապենական հարստութեանց. ոչ անպայման որովհետեւ «Արարատ Գրական» ամսաթերթն է այդ, այլ որովհետեւ այնտեղ պիտի գտնեմ էջ մը, որ բոլորովին տարբեր է եւ բա՜րձր, անկասկած, միւսներէն, որովհետեւ այնտեղ իւրաքանչիւր տողի ու բառի մէջ յստակօրէն պիտի զգամ ու տեսնեմ Արան արձանացա՛ծ՝ իր ամբողջ ահռելիութեամբ (դրական իմաստով), եւ որովհետեւ անգամ մը եւս պիտի կլանուիմ Արայի հոգեկան եւ մտային վեհ թռիչքներու յորձանքին կողմէ:
Յարմար առիթով մը հասկցիր Արային կարծիքը՝ Ալպերթ Շուայցըրի[cdlxviii] «Քրիստոնէութիւն Եւ Աշխարհի Կրօնքները» հեղինակութեան շուրջ: Հեղինակը, կարծես, բարոյականութիւն կը փնտռէ կրօնքներու մէջ…:
Անցեալ շաբաթ նամակ մը գրեցի Մանչեսթըրի հայոց հովուին՝ Տէր Աշոտ քահանային եւ խնդրեցի, որ Տէր Հայրը գտնէ հասցէն Արայի հօրեղբօր եւ ինծի ուղարկէ: Տէր Հայրը շուտով պատասխանեց իմ նամակին եւ յայտնեց, որ իր ծուխի[ն] մէջ եւ կամ Մանչեսթըրի մէջ ապրող հայերուն Արայի հօրեղբօր անունով անձ մը գոյութիւն չունի: Ուստի, կը սպասեմ, որ Արան ինքը ուղարկէ իր հօրեղբօր հասցէն:
Զատկի արձակուրդը կը մօտենայ: Արդէն իսկ կարգադրուած է, թէ ուր եւ ինչպէս պիտի անց[ը]նեմ արձակուրդի օրերս (26 օր): Նախ պիտի երթամ Լոնտոն եւ այնտեղ բաղդաւորութիւնը պիտի ունենամ այցելել[ու] Անգլիական Եկեղեցւոյ պատկանող գոլէճներն ու եկեղեցիները, եւ զանազան եկեղեցիներ, որոնք կը գտնուին Լոնտոնէն դուրս, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Այս երկիրը հարուստ է հնամեայ, կիսափուլ կամ կանգուն, շքեղ պալատներով եւ եկեղեցիներով եւ տեսարժան վայրերով, որոնց ետին կայ կանգնած անգլիացի տաղանդաշատ ժողովուրդի ամբողջ պատմութիւնը անցեալի: Զանոնք տեսնելու բաղդաւորութիւնը ինծի պիտի ընծայուի:
Անցեալ Կիրակի (11-3-62) կ. ե. ժամը 2-6-ի միջոցին, ընկերակցութեամբ դասընկերոջ մը, այցելեցի Southwell Minster-ը (անունն է վանքին), որ մօտաւորապէս 11 քմ. հեռու կը գտնուի Գելհամէն (դէպի հարաւ-արեւմուտք): Պասով 25 վայրկեանի ճամբայ է:
Այս վանքի[ն] որոշ մասը կառուցուած է 956-ին եւ 1108-1160 թուականներուն՝ վանքի[ն] գաւիթը եւ թեւերը, ԺԳ. դարուն դասը աւելցուած է: Իսկ հետագայ տարիներու ընթացքին աւելցուած են այլ որոշ մասեր եւ եղած են նորոգութիւններ: Այս վանքը այժմ Southwell-ի թեմի մայր եկեղեցին է (Cathedral) կամ թեմի եպիսկոպոսանիստ եկեղեցին է: Անցեալներս այս վանքի[ն] նկարները ուղարկեցի ծնողացս: Եթէ կը հետաքրքրուիս այս հնամեայ փառաւոր վանքով, գնա՛ եւ տե՛ս նկարները: Իրապէս կ’արժէ այցելել ոչ թէ միայն մէկ անգամ, այլ ամէն անգամ, երբ առիթը կը ներկայանայ:
Մեր գոլէճը ունի նաեւ իր թերթը, որ տարին միայն չորս անգամ լոյս կը տեսնէ: Այս նամակիս հետ կը փափաքիմ ուղարկել հատ մը: Արան թող կարդայ, քանի-որ անգլերէն լեզուով է, եւ եթէ հետաքրքրական մասեր կան, թող քեզի եւս ծանօթացնէ:
Երէկ՝ երեքշաբթի օրը ֆութպոլի օրն էր մեր խումբի: Մեր խումբը, որը ամէնէն տկարագոյն խումբն է, մրցեցաւ ամենաուժեղ խ[ու]մբի[ն] դէմ: Խաղի[ն] սկիզբը միշտ իշխեցին մեր վրայ եւ առաջին կոլը կրցան շահիլ: Սակայն մեր տղաքը չվհատեցան: Եւ իրենց մէկ կոլի[ն] դիմաց 3 կոլով խաղը վերջացուցինք՝ դիտողներու գնահատանքին արժանանալով: Ես մէկ կոլ միայն[cdlxix] կարողացայ ընել, արմարզ[cdlxx] ոտքիս ցաւին պատճառով: Ուսանողութիւնը բաժնուած է 8 խումբերու:
Առ այժմ ուրիշ նորութիւն մը չունիմ յիշատակելու համար: Ուստի փակելով իմ նամակը՝ Ձեզ[ի] կը մաղթեմ արեւշատութիւն:
Բարեւներս՝ բոլոր հարցնողաց:
[ստոր.՝ Ժիրայր Սրկ. Ճերեճեան]
* * *
Լոնտոն, 1 Մայիս [19]63[cdlxxi]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ,
Երկար լռութենէ մը յետոյ, այսօր բաղդաւորութիւնը կ’ունենամ կրկին քեզ[ի] հետ խօսելու՝ ոչինչ թէ այդ ըլլայ փոխանակուած անբերան նամակի մը միջոցով: Քեզ մեղադրելու որեւէ պատճառ մը չկայ նամակիս պատասխանը ուշացուցած ըլլալուդ համար, գիտեմ թէ որչափո՛վ զբաղեալ վիճակ մ’ունիս:
Այս շաբթուան սկիզբը սկսան դասաւանդութիւնները: Կրկին համալսարան՝ երկար եւ յոգնաբեր արձակուրդէ մը յետոյ, զոր սակայն անցուցի շա՛տ հաճելի եւ ուրախ: Յոգնաբեր կ’ըսեմ, որովհետեւ գիշերները ճամբորդեցի նաւով ու շոգեկառքով, իսկ ցերեկները պտըտեցայ: Կը կարծեմ որ բաւականին հետաքրքրական պիտի ըլլայ քեզի եւս, եթէ այստեղ տամ, գոնէ մի քանի նախադասութիւններու մէջ, իմ կատարած պտոյտիս – դէպի ֆրանսական երեք քաղաքներ – ընդհանուր կմախքը:
Մարտ ամսուան 25-ին, երկուշաբթի առաւօտեան, շոգեկառքով մեկնեցայ դէպի Douvres, զոր Ֆրանսայի ամենամօտիկ անգլիական նաւահանգիստն է: 1,5[cdlxxii] ժամէն հասանք Տուվրը: Մաքսատան մէջ քեզի ծանօթ դարձած ձեւակերպութիւնները լրացնելէ յետոյ՝ նաւ բարձրացանք: Օրը պաղ էր եւ անձրեւային: Ճամբորդութեան ընթացքին ալիքները յաճախ կը հասնէին մինչեւ նաւուն մէջ, կարծես թէ ծովը կը փորձէր կլանել զայն: 1 ժամ եւ 5 վայրկեանի մէջ հասանք ֆրանսական ցամաք՝ Calais նաւահանգիստը: Այստեղ եւս կ’անձրեւէր: Ֆրանսական շոգեկառքը կը սպասէր մեզ՝ նաւէն ոչ հեռու:
Ինծի հետ ճամբորդողներուն մեծ մասը անգլիացի երիտասարդ երկսեռ ուսանողներ էին, որոնք կ’երթային Փարիզ՝ այնտեղ անց[ը]նելու համար իրենց արձակուրդի օրերը: Անգլիացի ժողովուրդը շատ կը սիրէ իր արձակուրդը անց[ը]նել մի այլ նոր տեղ, շատ քիչերն են, որոնք իրենց տուներուն մէջ կ’անց[ը]նեն: Անոնք լա՛ւ գիտեն, թէ ինչպէս պէտք է վայելել այս կեանքը՝ «enjoy» ընել (էնճոյել):
3,5 ժամուան մէջ հասանք Փարիզ (կ. ե. 6-ին): Այս շոգեկառքերուն մէջ ճաշը սարսափելի սուղ է: Ես անօթի ըլլալով փորձուեցայ ճաշել եւ … այդ թող ըլլայ իմ առաջին ու վերջին անգամը (վճարեցի մօտ 21 լ. ո. մէկ ճաշի համար): Այսպիսի երկիրներու մէջ երբ որեւէ առթիւ կը փափաքիս ճամբորդել, խոհեմութիւն է նախապէս սանտուիչներ վերցնել միասին եւ կամ անօթի մնալ մինչեւ տեղդ հասնիս:
Հայր Գիւտը դիմաւորեց զիս առաջնորդապատկան ինքնաշարժով եւ առաջնորդեց Փարիզի հայոց եկեղեցին:[cdlxxiii] Եղայ առաջնորդ Գերշ. Սերովբէ Սրբազան[cdlxxiv] հօր մօտ, որ սիրալիր ընդունելութիւն մը ցուցաբերեց: Հայր Ներսեհ Վրդ. Փափուճեան[cdlxxv] եւս այնտեղ էր: Հայր Գիւտ ճաշարան մը հրաւիրեց զիս եւ իրիկունը, նախապէս ապահոված տոմսերով, գացինք հանդէսի մը ներկայ գտնուելու:
Այդ օր (Բշ.) Հայր Գիւտին մօտ գիշերեցի: Յաջորդ օր առաւօտեան (Գշ.) ժամը 9-ին շարունակեցի ճամբաս դէպի Լիոն, ուր հասայ կ. ե. 2-ին: Այնտեղ երկու օրուան համար հիւրը եղայ Լիոնի հայոց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետին: Ապրեցայ պանդոկի մը մէջ: Այդ կարճ ժամանակամիջոցին կրցայ տեսնել զանազան տեսարժան վայրեր եւ ծանօթանալ քաղաքին՝ որոշ չափով:
Դշ. գիշերը շարունակեցի ճամբաս դէպի Մարսէյ: 3.0 ժամ տեւեց: Թաքսիի օգնութեամբ կարողացայ դիւրաւ գտնել St. Antoine-ի հայոց եկեղեցին, ուր հոգեւոր հովւութեան պաշտօնը ստանձնած է Հոգշ. Տ. Վազգէն Վրդ. Քեշիշեան,[cdlxxvi] որուն անձնական հիւրն եղայ՝ ընդառաջելով իր մասնաւոր հրաւէրին: Կը կարծեմ դուն լաւ կը ճանչնաս զինքը՝ Անթիլիասի մէջ ուսանող եղած օրերէդ։
Այստեղ նաեւ, նման Պէյրութի, հայ ժողովուրդը կ’ապրի թաղերու մէջ: Ունին իրենց եկեղեցիները, եկեղեցական ու ազգային կազմակերպութիւնները, սակայն անոնք չունին հայկական դպրոցներ: Եկեղեցականն է դարձեալ, որուն ուսերուն վրայ կը ծանրանայ այդ քաղցր լուծը՝ սորվեցնելով հայ մանուկներուն մեր մայր լեզուն, մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովրդի պատմութիւնը` նոր սերունդը հայ պահելու համար:
Երկու անգամ առիթն ունեցայ քարոզելու: Այցելեցի հայերու տուներ: Գրեթէ ամէն օր հիւրն եղայ հայ ընտանիքի մը: Եւ, բառին բացարձակ իմաստով, վայելեցի Մարսէյը՝ իր զանազանութիւններով: Այստեղ երկինքը զիս դիմաւորեց թագաւորական մեծ վայելչութեամբ. չկար ամպի բեկոր մ’անգամ ձմրասառն մարմինները ջերմացնող՝ լուսապսակ արեգակին առնանման դէմքը ծածկելու: Այդպէս օրերը միշտ ուրախ էին: Մի քանի առիթներ եղան անձնական ինքնաշարժով Nice (Côte d’Azure) երթալու, սակայն ժամանակները չյարմարեցան:
Այստեղ, հակառակ որ դեռ Հայ Եկեղեցին բաժանուած վիճակ մը չունի պաշտօնապէս, սակայն այդ իրականութիւն դառնալու անբաղձալի օրերուն մէջ կ’ապրի Մարսէյ,[cdlxxvii] ինչպէս յղի մայրը՝ ծնանելու վերջին օրերուն մէջ: Շատ նուրբ է հարցը: Գերշ. Տ. Սերովբէ Սրբազան մեծ ճիգ ի գործ կը դնէ «այդ օրը» յետաձգելու համար:
Ապրիլ 4-ին մեկնեցայ Մարսէյէն դէպի Լոնտոն՝ անմոռանալի յիշատակներով միասին: Վերադարձիս՝ մէկ օր եւս մնացի Փարիզ: Կէսօրին՝ Սրբազան հայրը ճաշի հրաւիրեց զիս, իսկ երեկոյեան՝ Հայր Ներսեհ Վրդ.ը՝ իր դպրոցին մէջ:
Ապրիլ 6-ին, շաբաթ օր, առաւօտեան հասայ Լոնտոն: Այսպէս վերջացաւ իմ կատարած յոգնաբեր եւ սակայն շա՛տ հաճելի պտոյտս դէպի ֆրանսական երեք քաղաքներ:
* * *
Շատ ուրախ եմ, որ Արամը յաջողած է մեկնիլ Ամերիկա: Սակայն, արդեօք այնտեղ պիտի կարողանա՞յ իր բաղձանքներուն գոհացում գտնել: Որպէս իր մտերիմ ընկերը՝ իմ սրտագին յաջողութիւնները կը մաղթեմ իրեն: Ո՞ւր հասաւ իր գրական աշխատանքներուն մէջ:
* * *
Չմոռնաս շնորհաւորելու իմ կողմէս նորօք նշանեալ զոյգերը: Մեծապէս կը փափաքէի այնտեղ ներկայ գտնուիլ:[cdlxxviii] «Աչքերը լոյս» տիկ. Ալիսին: Բնաւորութեամբ ուրախ ծնած անձ մըն է տիկ. Ալիս, Աստուած թող բազմապատկէ՛ անոր ուրախ օրերը: Բոլոր խնամիներուն աչքերը լոյս…:
* * *
Սիրելի Պէպօ, չեմ ուզեր աւելի երկարել նամակս, ունիմ շատ բաներ պատմելու եւ հարցեր՝ անոնց շուրջը միասին խորհրդածելու: Կ’աշխատիմ յաջորդիւ ըսել այդ բաներու[ն] մասին:
Շատ շնորհակալութիւն այն քարթին համար, զոր ուղարկած ես ինծի՝ շնորհաւորելով Ս. Զատիկը: Ընդունէ՛ իմ փոխադարձ շնորհաւորութիւնը Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին առթիւ: Կը մաղթեմ եւ կը փափաքիմ տեսնել քեզ աւելի ու աւելի բարձր դիրքի մը վրայ, ո՛չ որպէս նիւթական արժէք, այլ հոգեկան արժէք, որ կը յաւերժացնէ զմարդ:
Յարգանքներով՝
[ստոր.՝ Ժիրայր Սրկ. Ճերեճեան]
Յ.Գ.– Ես դրոշմաթուղթ կը հաւաքեմ: Եթէ որեւէ երկրէ նամակ ստանաս, անոնց դրոշմաթուղթերը նամակիդ մէջ դնելով ինծի ուղարկէ՛: Շնորհակալութի՛ւն:
* * *
Վալանս, 26 Փետրուար [19]64[cdlxxix]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ,
Առանց խօսելու եւ երեւակայելու այն բոլոր պատճառներու շուրջ, որոնք արգելք հանդիսացած են վերջ մը տալու համար մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող նամակագրութեան, ուղղակի պիտի անցնիմ իմ բուն նպատակի խմբագրութեան:
Վալանսի հայ գաղութի հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Նարեկ Քահանայ հօր հիւանդութեան պատճառով՝ թեմիս Առաջնորդ Սրբազանի[ն] կարգադրութեամբ գործուղուեցայ Վալանս՝ կարճ ժամանակի մը համար:
Այս տարի, Ապրիլ 24-ին, տեղւոյս հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի մեծ շուքով տօնել անմահ յիշատակը Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի նահատակներուն: Այս առթիւ ինծի պարտականութիւն տրուեցաւ բանախօսել օրուան նիւթին շուրջ: Որպէս փորձառու խօսող այսպիսի նիւթերու շուրջ, պիտի խնդրէի, որ սոյն նիւթի մասին տայիք որոշ լուսաբանութիւններ (բարոյական եւ դաստիարակչական գետնի վրայ առաւելաբար):
Իսկ որպէս հմուտ եւ պատրաստուած ուսուցիչ եւ դաստիարակ, պիտի խնդրէի Ձեզմէ, որ եթէ ձեռքի տակ ունիք օրուան պատշաճ երգեր, արտասանութիւններ (մեծերու եւ փոքրերու համար), եւ կամ, որ աւելի կարեւոր է, կենդանի պատկեր մը եւ կամ կարճ փիէս մը, եւ ինչու չէ՝ որեւէ բան մը, զոր կը կարծէք նորութիւն ըլլալ եւ պատշաճ օրուան մթնոլորտին: Այս առնչութեամբ, եթէ ընդօրինակելու եւ շուտով ուղարկելու դժուարութիւնն ունենաք, Մարի քոյրս եւ կամ այլ մէկը կը յուսամ, որ կ’օգնեն Ձեզի:
Խեղդուելու չափ զբաղուած վիճակ մ’ունիմ ազգային-եկեղեցական գործերու մէջ. դպրոց, հանդէս, դասախօսութիւն… եկեղեցի…:
Վալանսէն ծնողացս գրած նամակիս պատասխան չեմ ստացած տակաւին, արդեօք ինչո՞ւ ուշացաւ: Ես կրկին պիտի գրեմ:
Ողջունիւ՝
[ստոր.՝ Հայր Տարօն Ճերեճեան]
* * *
Վալանս, 9 Դեկտեմբեր [19]64[cdlxxx]
Սիրելի Պէպօ,
Մի քանի օրեր առաջ սրտի խոր ցաւով կարդացի ծնողացս նամակը, ուր յիշատակուած էր նաեւ մահուան չարագուշակ լուրը բոլորիս սիրելի Ձեր մօր՝[cdlxxxi] իմ բարի խնամիին:
Կեանքը ըլլալով բոլորովին ծածուկ խորհուրդ մը, չենք գիտեր, թէ որուն շնորհուած է երկա՜ր օրեր այս անցաւոր կեանքի ընթացքին: Դժբաղդ պարագաներու տակ կեանքը զլացաւ իր մարդկային չափանիշով օրեր պարգեւել Ձեր հօր, իսկ այսօր՝ նաեւ Ձեր մօր: Երկուքն ալ յաւէտ հեռացան մեր բոլորէն իրենց երիտասարդ հասակին՝ լացող որբ աչքեր թողնելով իրենց ետեւ:
Անհաւասար բաժանում անցաւոր օրերու…: Մխիթարական խօսքերն իսկ անզօր են Ձեր վիրաւոր սրտերը սփոփելու: Սակայն չէ՞ որ տկար արարածներ ենք եւ անկարող հրաշքներ գործելու՝ մանաւանդ մահուան պարագային: Ուստի ի՞նչ կը մնայ մեզի ըսել որպէս սգակիցներ, եթէ ոչ միայն մխիթարական մի քանի նախադասութիւններ, որոնք գոնէ բարոյական անկումէ մը եւ կամ յուսալքութենէ հեռու կը պահեն:
Այսօր քու ուսերուդ վրայ կը ծանրանան հօր մը պարտականութիւնները՝ հանդէպ Ձեր ընտանիքի միւս անդամներուն: Միշտ աղօթակից եմ, որ ամենակարողն Աստուած քու կեանքի օրերը բազմացնէ, որպէսզի հօրդ ու մօրդ կիսատ թողած աշխատանքները յաջողութեամբ պսակուին:
Սոյն երկտողը ընդունիր որպէս ափ մը մխիթարանք՝ Ձեր ցաւող սրտերուն սպեղանին դառնալու:
«Աստուած հոգին լուսաւորէ» սիրելի մայրիկին:
Ողջունիւ եւ աղօթարար՝
[ստոր.՝ Հայր Տարօն Ճերեճեան]
* * *
- Վահրիճ Ճերեճեանէն
Սիտնի, 19 Դեկտեմբեր 1993[cdlxxxii]
Յարգելի ընկ. Պէպօ,
Տնօրէն Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի,
Պէյրութ.
Գրաբերս՝ տիկին Անահիտ Տեմիրճեան, Սիտնիի մեր շրջանի գործունեայ տիկիններէն (ընկ. Յ. Տեմիրճեանի՝[cdlxxxiii] նախկին ատենապետի կողակիցը) շատ գնահատելի գաղափարը ունեցած է մեր վարժարաններէն ներս չքաւոր ուսանողներ որդեգրելու եւ ուրիշ բարերարներ գտնելու: Ես խորհուրդ տուի իրեն այցելել քեզ[ի] որպէսզի միասնաբար քննէք թէ ինչ ձեւով կարելի է այդ ուղղութեամբ կարգադրութիւններ ընել:
Ես կը յուսամ Յունուարի կէսերուն վերադարձած ըլլալ Պէյրութ, տիկին Անահիտի վերադարձէն առաջ ու մենք միասնաբար ճշդենք կազմակերպուելիք աշխատանքները:
Կը խնդրեմ որ տիկին Անահիտին ծանօթացնէք Գոլէճի յաջողութիւններն ու կարիքները ինչպէս նաեւ տարուած աշխատանքները:
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
Վահրիճ Ճերեճեան
[ստոր.՝ Վահրիճ]
* * *
- Վերժին Ճերեճեանէն
[Պէյրութ, հաւանաբար 1996][cdlxxxiv]
Սիրելի Պէպօ,
Կարդացի «Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն» խորագիրը կրող վերջին գիրքդ: Հոն զգացի եւ ապրեցայ Ձեր խոր տագնապը հայակերտման եւ մանկավարժութեան հանդէպ, որպէս վաստակաւոր եւ փորձառու դաստիարակ: Արդի մտածելակերպով Ձեր թելադրած ուղղութիւնները եւ միտքերը գտայ շատ շինիչ եւ օգտակար: Համոզուած եմ որ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ անգամ մը եւս հաստատեցիք Ձեր բարձր մակարդակի արժանաւոր տեղը:
Անկեղծութեամբ առլցուն կը մաղթեմ Ձեզի նորանոր բարձրագոյն ոստումներ եւ յաջողութիւններ:
Սիրով՝
[ստոր.՝ Վերժին Ճերեճեան][cdlxxxv]
* * *
- Արթօ Ճիւմպիւշեանէն
Իսթամպուլ, 28 Դեկտեմբեր 1969[cdlxxxvi]
Ազնուայարգ տէր եւ տիկին Պ. Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Սիրելի բարեկամներ,
Կը փափաքիմ որ այս բացիկը իր սլացքով վերանորոգէ այն սրտի կապը, որ անտեսանելի հեռագրական թելի մը պէս հաստատուած էր մեր երկու ընտանիքներուն միջեւ, ձեր անմոռանալի այցելութենէն յետոյ: Կը վստահեցնեմ ձեզ, որ այդ թելը ազնուագոյն զգացումներով կը թրթռայ դէպի ձեզ, եւ մօտակայ Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ ալ ձեզի կը բերէ բոլորիս ամենաջերմ մաղթանքները:
Եղբայրական սիրով՝
[ստոր.՝ ԱՃիւմպիւշեան]
* * *
[Իսթամպուլ,] 25 Դեկտեմբեր 1970[cdlxxxvii]
Սիրելիներ տէր եւ տիկին Պ. Սիմոնեան,
Յառաջիկայ տօնական օրերը առիթ կ’ընծայեն մեզի թարմացնելու եւ ամրացնելու այն անմոռանալի բարեկամութիւններն եւ սրտամօտիկ յիշատակները, զորս յաճախակի ոգեկոչելու կամ տեւապէս վառ պահելու համար թոյլատու չեն մեր առօրեայ հեւիհեւ կեանքն ու բազմապիսի զբաղումները: Մատլէնը ու ես կը յուսանք որ մեր այս երկտողը ձեզ կը գտնէ քաջառողջ, ուրախ եւ ամէն բարիքներով շրջապատուած, ու կը փոխանցէ ձեզի մեր սիրալիր զգացումներն ու բարեմաղթութիւնները՝ յառաջիկայ տարուան եւ բոլոր գալիքներուն համար:
Եղբայրական անկեղծ սիրով՝
[ստոր.՝ ԱՃիւմպիւշեան]
* * *
- Մ. Արեւելքցիէն
Պէյրութ, 20 Յուլիս 1977[cdlxxxviii]
Յարգելի ընկեր,
Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի Վարիչ Մարմինի որոշումով, «Երիտասարդ Հայաստան»ի Դեկտեմբեր ամսուան թիւը պիտի յատկացուի Կուսակցութեան 90-ամեակին՝ 50 էջնոց բացառիկով մը:
Այդ առթիւ պաշտօն տրուած է ինծի զօրաշարժի ենթարկել մեր շրջանի մտաւորական ընկերները՝ ապահովելու համար անոնց աշխատակցութիւնը յիշեալ բացառիկին:
Ներկայիւս կու գամ խնդրելու Ձեզմէ որ հաճիք Ձեր մասնակցութեամբ նպաստել այդ պատմական իրադարձութեան:
Առ այդ, Ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ այն նիւթերը, որոնց նախապատուութիւն պէտք է տրուին եւ մասնաւոր կարեւորութեամբ քննարկուին:
- Հնչակեան կուսակցութեան Թուրքիոյ ուրիշ փոքրամասնութեանց հետ գործակցութեան փորձերը:
- Հնչակեան–Իթիլաֆ համաձայնութիւնը եւ անոնց միացեալ պայքարը Իթթիհատի դէմ:
- Հնչակեան կուսակցութեան Պոլսոյ խաղաղ ցոյցերը եւ անոնց ազդեցութիւնը Պոլսոյ մտաւորական կեանքի[ն] վրայ:
- Սասունի, Զէյթունի զինական գործողութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը արեւմտահայ զանգուածներու յեղափոխական մտքի[ն] վրայ:
- Հնչակեան պատգամաւորական 12 ժողովները, իրենց ամփոփ պատմութեամբ եւ որոշումներով, ինչպէս նաեւ գաղափարական տարակարծութիւններով:
- 1915-ի կամաւորական շարժումը եւ Հնչակեան կուսակցութեան մասնակցութեան պատճառները:
- Քսաններու հաւատքը «Արեւելքի մէջ ծագող արշալոյսի» համար, անոնց նահատակութիւնը եւ գաղափարականը:
- Հնչակեանութեան սովետական օրիէնտացիան՝[cdlxxxix] որպէս Հեռաւոր Նպատակի առաջին հանգրուան:
- Հողային դատը՝ ըստ Հնչակեան տեսակէտի:
- Հնչակեան գրողներ – Լեռենց, Ատրպետ, Ղ. Աղայեան, Ասօ, Ա. Արփիարեան, Արամ Ասպետ, Նուարդ Ասպետ[cdxc] եւ շատ ուրիշներ, որոնք ուսումնասիրութեան եւ յայտնաբերումի կը սպասեն: Համառօտ կենսագրական եւ գործերու յիշատակում:
- Համառօտ պատմութիւն հնչակեան հարուստ մամուլին, սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը:
- Հնչակեան մշակութային կեանքը – դերասանական խ[ու]մբեր, մարզական շարժումներ, դասախօսական հաւաքներ եւ այլն:
- Սոցիալիստական գաղափարներու տարածումը Միջին Արեւելքի մէջ՝ Հնչակեան ինքնուրոյն կամ թարգմանական գրականութեան միջոցով, յիշել «Հնչակ»ի[cdxci] հրատարակութիւնները առանձին պրոշիւրներով եւ «Գաղափար»ի[cdxcii] հրատարակութիւնը Նազարբեկի ձեռքով:
- Աւետիս Նազարբեկ[cdxciii] – կեանքը եւ գործը:
- Ս. Սապահ-Գիւլեան[cdxciv] – կեանքը եւ գործը:
Վերոյիշեալ հարցերէն դուրս աշխատակիցները կրնան գրել իրենց նախասիրութեամբ որեւէ նիւթի մասին, որ աղերս ունի Կուսակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան հետ – յուշագրութիւն, մենագրութիւն տեղային կուսակցական կեանքի դրուագներ եւ այլն:
Նիւթերը պէտք է գրուեն[cdxcv] սեղմ եւ ըլլան ոչ աւել քան երեք մեքենագրուած էջ եւ պիտի կեդրոնանան ինձ մօտ, «Արարատ»ի հասցէով, հաւաքած փոխանցելու համար Նիւ Եորք, ՈՉ ՈՒՇ ՔԱՆ 30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1977 թ.:
Վստահ՝ որ հաճելի պարտականութիւն պիտի սեպէք Ձեր նպաստը բերել այդ կուսակցանուէր գործին, կանխաւ կը յայտնեմ իմ՝ «Երիտ. Հայաստան»ի խմբագրութեան ջերմ շնորհակալիքը:
Ընկերական բարեւներով՝
[ստոր․՝ Մ. Արեւելքցի][cdxcvi]
* * *
- Ալեք Մանուկեանէն
Alex Manoogian
32 Winthrop Place
Grosse Pointe Farms. Mich. 48236
[Կրոս Փոյնթ Ֆարմզ, Միչիկըն,] 21 Յունիս 1993[cdxcvii]
Պատուարժան խնամակալութիւն, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ սիրելի աշակերտութիւն Հ. Կ. Բ. Մ.ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի,
Պէյրութ, Լիբանան.
Յարգելի պր. Սիմոնեան,
Մեր սիրեցեալ տիկնոջ՝ Մարի Մանուկեանի[cdxcviii] անակնկալ կորուստը մեր ամբողջ ընտանիքը մատնեց անմխիթար վիշտի: Մեր կեանքի այդ ծանր ու տխուր օրերուն՝ մեր ընտանիքն ու մենք մխիթարուեցանք այն անկեղծ ու սրտառուչ խօսքերով եւ արարքներով զորս մեր հարազատները, բարեկամներն ու գործակիցները ընծայեցին մեզի՝ մասնակցելով յուղարկաւորութեան, ծաղկեպսակներ կամ փոխան ծաղիկի նուիրատուութիւններ կատարելով, ցաւակցութեան քարտեր կամ հեռագիրներ ղրկելով կամ անձամբ այցելելով մեզի: Անոնք ջերմացուցին մեր հոգին ու կիսեցին մեր վիշտը՝ այն պահուն որ կարօտ էինք մխիթարութեան:
Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձեր վշտակցութեան համար զոր պիտի յիշենք միշտ: Երբ հետզհետէ կը փորձենք վարժուիլ մեր մեծ կորուստի գաղափարին հետ՝ Ձեր սրտակցութիւնը պիտի ամոքէ մեր հոգին եւ զօրութիւն պիտի պարգեւէ մեզի:
Մեր ընտանիքին բոլոր անդամները կը միանան մեզի՝ մեր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնելու Ձեզի՝ մեր մեծ սուգին առիթով Ձեր ընծայած անկեղծ վշտակցութեան համար:
Շնորհապարտ զգացումներով՝
[ստոր.՝ Ա. Մանուկեան]
Ա. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
* * *
- Յակոբ Մանուկեանէն
Պէյրութ, 29 Յունիս 1997[cdxcix]
Սիրելի պրն. Պէպօ Սիմոնեան,
Հաճոյքով ստացայ Ձեր զաւկին միջոցաւ ինծի ուղարկած «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» 1994 «Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն» 1996, Ձեր զոյգ արձակ գործերը, որոնք իրենց լեզուական արժանիքով եւ ընդգրկած նիւթերուն շահեկանութեամբ կ’ընձեռեն համապատասխան նպաստ՝ ժամանակակից հայ գրականութեան:
Վերոյիշեալ արձակ գործերով, կը յայտնուի Պէպօ Սիմոնեան մարդը, որ գիտէ ո՛չ միայն անշեղ հաւատարմութեամբ հետեւիլ իր մուսաներուն հեռալուր կանչին («Կանաչներու Առասպելը»), այլ խորաշունչ ընկալչութեամբ մը նաեւ գիտէ բացուիլ մարդկային տառապանքին՝ մարդ էակի բարօրութիւնն ու երջանկութիւնը գոյատեւման մնայուն ընթացքի մէջ տեսնելու միակ եւ անզանցառելի նախանձախնդրութեամբ:
Սոյն արձակ գործերով կը ներկայանայ Պէպօ Սիմոնեան մտաւորականը, որ շնորհիւ իր մտաւորական հարուստ պաշարին, կը հիմնաւորէ մանկավարժութեան եւ ընկերային հարցերու շուրջ իր տեսակէտները՝ տաղանդաւոր գրողներու, արուեստագէտներու եւ քաղաքագէտ մարդոց գործերէն իր կատարած դիպուկ եւ պատշաճ մէջբերումներով:
«Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն» գործով կը յայտնուի Պէպօ Սիմոնեան կրթական մշակը, որ ուսուցչական ասպարէզի մէջ իր մատուցած երկարատեւ եւ բեղուն ծառայութեամբ՝ սերունդներ դաստիարակած է հայաշունչ կրթութեամբ, ներմուծելով անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ սէրը հայ լեզուին եւ հայ մշակութային դարաւոր աւանդութեանց: Այս առումով, մանկավարժ հեղինակին կրթական հարուստ փորձառութեամբ հունաւորուած եւ դաստիարակչական ուշագրաւ թելադրանքներով օժտուած գնահատանքի արժանի հատոր մըն է վերոյիշեալ գործը, որ, անկասկած, պիտի ծառայէ իբրեւ ուղեցոյց ապագայ հայ կրթական մշակներուն:
Սիրելի պ. Պէպօ Սիմոնեան, կը մաղթեմ Ձեզի երկարատեւ, բախտաւոր եւ բեղմնառատ տարիներ: Թող Ձեր գրիչը մնայ դալար եւ թող զգացական Ձեր ապրումները ըլլան միշտ թարմ եւ միշտ յորդառատ, որպէսզի հարստացնէք հայ գրականութեան գանձարանը գրական-գեղարուեստական նոր եւ յարանորոգ նուաճումներով:
Եւ, վերջապէս, երախտագիտական զգացումներս կը յայտնեմ Ձեր շատ սիրելի զաւկին՝ Տիգրանին, որուն կը պարտիմ մեր միջեւ կայացած այս նորայայտ, բարեբաստիկ եւ անակնկալ «հանդիպում»ը:
Սիրով եւ լաւագոյն
բարեմաղթութեամբ՝
Յակոբ Մանուկեան[d]
* * *
- Մարօ Մարգարեանէն
Երեւան, 24 Դեկտեմբեր [19]68[di]
Յարգելի Պէպօ Սիմոնեան,
Սրտանց շնորհաւորում եմ Ձեր Նոր Տարին: Ցանկանում եմ Ձեր ազնիւ գործին յաջողութիւն եւ արժանի արձագանգ, սէր, երջանկութեան լուսաշաղախ օրեր:
Սիրով՝
[ստոր․՝ Մարօ Մարգարեան]
* * *
Երեւան, 1 Յունուար [19]75[dii]
Թանկագին բարեկամներ՝ Պէպօ Սիմոնեան ընտանիք,
Որքան մոռանաք դուք մեզ, մենք յիշում ենք ամենայն կարօտով, հարազատի զգացումով եւ շնորհաւորում ենք բոլորիդ Նոր Տարին, ցանկանում ենք գեղեցիկ բանաստեղծական օրեր, բացառիկ երջանկութիւն եւ առողջութիւն:
Սիրով`
Մարօ Մարգարեան
եւ Բայանդուր ընտանիք
* * *
Երեւան, 2 Յունուար [19]77[diii]
Սիրելի Պէպօ,
Շատ ցաւալի օրեր եղան, բայց յոյս ունեմ, որ լաւ էք, առողջ եւ Ձեր թանկագին տիկնոջ հետ Ձեր սիրելի աշխատանքին: Որքան ափսոս է կեանքը-ժամանակը եւ ինչո՞ւ պիտի սիրելի մարդիկ լինեն այսպիսի հեռաւորութեան վրայ: Սրտանց շնորհաւորում ենք ձեր նոր տարին եւ ցանկանում ենք 78 թիւը լինի Հայրենիքում հանդիպման տարի:
Ընդունեցէք ամենաջերմ մաղթանքները մեր ընտանիքի:
Գրեցէք ձեր մասին:
Սիրով,
Քոյրդ`
Մարօ եւ ընտանիք
* * *
[Երեւան, 22 Դեկտեմբեր 19]78[div]
Սիրելի Պէպօ եւ մեր լաւ Ազատուհի,
Դուք երեւի ինձ մոռացաք արդէն, բայց ես շարունակ յիշում եմ Ձեզ եւ սպասում աւել լաւ լուրերի:
Մեզ համար ամենից լաւ լուրը այն է, երբ իմանում ենք, որ սիրելի մարդիկ են եկել։ Երկու անգամ եկել էք եւ ես հիւանդ եմ եղել: Այս անգամ լուր տուէք, որ գալիս էք. ես կ’առողջանամ եւ մենք լաւ օրեր կ’ունենանք – գեղեցիկ բանաստեղծական։ Կխնդրէի գալուց առաջ մի երկտող գրէք այս տարի: Աշնանը պիտի սպասեմ ձեզ:
Ինչպէս տեսնում էք, միւս երեսին սկսել եմ գրել ուրիշ մատիտով եւ չեմ շարունակել – չհաւանեցի գրածս, բայց ստացայ վարժարանիդ «Ալպոմ-Տարեգիրքը»։ Զարմանալու չափ-շատ ուրախացայ եւ հիացայ հէնց առաջին նկարով. փոքրիկ աշակերտների խումբը։ Մատը բարձրացրած աղջիկը հրաշալի է:
Ես, իմ Աստուած, եթէ ես էլ Պէպօ Սիմոնեանի նման վարիչ ունենայի, շատ լաւ աշակերտուհի պիտի լինէի: Բոլոր դէմքերը շատ համով են:Մեծ հաճոյքով թերթում եմ, յաճախ կարդում եմ, նայում եմ նկարները հարազատի զգացումով:
Շնորհաւորում եմ Ձեր Նոր Տարին, ցանկանում եմ աշխարհի բոլոր բարիքները…
Սիրով ձեր՝
[ստոր․՝ Մարօ Մարգարեան]
* * *
[Երեւան, հաւանաբար 1980-ականներու ա. կէս][dv]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Սրտանց շնորհաւորում եմ ձեր Նոր տարին, ցանկանում եմ ձեզ երկար, գեղեցիկ ու երջանիկ կեանք:
Պէպօ ջան, Գուրգէն Մահարուն[dvi] նուիրուած հանդիսութեան օրը ես շատ ուրախացայ, երբ տեսայ քեզ դահլիճում, բայց շատ մտահոգուած էի, տանը թոռնիկս հիւանդ էր, եւ ես մի փոքր շուտ տուն դարձայ: Դահլիճից դուրս գալիս, խնդրեցի քեզ, որ հեռաձայնես: Ինձ գտնելը շատ հեշտ էր, բայց զանգ չեղաւ: Ես ինքս փնտռեցի քեզ, ասացին մեկնել ես:
Ես ստացել եմ շատ նուրբ, խելացի, լուսաշաղ գրքերդ՝ – վերջինը «Ծուէն Ծուէն Երիզներ»: Միշտ փափաք եմ ունեցել քո մասին մի տաքսիրտ խօսք գրելու, բայց խճողուել եմ շարունակ գործերի մէջ եւ հոգուս լաւ իղձը յետաձգել եմ:
Կարծում եմ վերջերս մի փոքր կդասաւորեմ գործերս եւ սփիւռքի իմ սիրելիների մասին կգրեմ ուզածիս պէս: Ես այսօր հանդիպեցի Լեւոն Հախվերտեանին, հարցրի թէ մօտիկից գիտի՞ ձեզ: Շատ ջերմ խօսեց, մանաւանդ Ազատուհու մասին պինդ հիացումով մի հսկայ ներբող:
Շատ, անչափ շատ սիրտս վառւում է այդ արդար հայասիրտ-հայաշունչ աշխարհի համար: Այս ինչ ողբալի վիճակում է մարդկութիւնը, որ ոչ ոք չի կարողանար օգնել այդ խեղճ երկրին եւ մեր հայութիւնն էլ այդ կենտրոնից ցրւում է. այո՛, ափսոս, հազար ափսոս:
Պէպօ եւ Ազատուհի, մեր լաւ, սիրելի հարազատներ, հէնց որ Հայաստան գաք, պիտի առաջինը ինձ հեռաձայնէք 58-34-17:
Սիրով, կարօտով, ձեր քոյր՝
[ստոր․՝ Մարօ Մարգարեան]
* * *
Երեւան, 17 Օգոստոս [19]92[dvii]
Սիրելի Պէպօ, իմ լաւագոյն հարազատ,
Խելացի, իմաստուն Ազատուհի ջան,
Բա ափսոս չի՞, որ այդքան սիրելի թանկագին մարդիկ այսքան հեռու ապրեն մեզանից:
Կեանքը-ինքը-բնութիւնը-տիեզերքը, շատ անարդար են:
Պատկերացնում է՞ք, անգին հարազատներ, այսքան աղէտների մէջ, իրար յաջորդող գենոցիդների մէջ վառւում ենք ու հաշւում թէ ով ունենք աշխարհում: Լաւ գիտէք, որ առաջիններից առաջինը Դուք էք եւ, ի՜նչ անխղճութիւն, այսքան ժամանակ չտեսնենք իրար, միայն յիշենք եւ դրանով մխիթարուենք:
Ազատուհի ջան, ամենաիմաստուն, ամենաազնիւ գործը դու ես արել մեզ համար.
«Հայ կինը, ընտանիքը, երիտասարդը»:
Ազատուհի ջան, պիտի գան լաւ օրեր, պիտի նստենք միմիանց շատ մօտիկ եւ նայենք քո բոլոր ազնիւ, խելացի, հայրենանուէր եւ բարձր մարդասէր մտքերը: Մեր հետա[գայ] կեանքը, ընտանիքը, ազգը կարգաւորելու եւ պահելու համար բարձրագոյն մակարդակով:
Խնդրեցի Աստծուն, բնութեան բոլոր ուժերին, վերջ դրուեն արիւնահեղութեանը, մեր ազնուագոյն զաւակների կորուստին ու տառապանքին: Բոլորը բոլորը լաւ լինեն ու ինչո՞ւ զոհուեն, տառապեն, իսկ մենք բոլորս արդէն նեարդային հիւանդներ ենք դառնում: Ո՜նց եմ կարօտել իմ անգին Պէպոյին – հիմա որ մէկից ․․․․․․․ ․․․․․․․․.:[dviii]
Պէպօ ջան, շատ ենք կտրուած, մէկ-մէկ՝ կեանքից: Չգիտեմ, քո գրական աշխարհը ի՞նչ վիճակում է:
Հրաչը[dix] ասում է որ դու քո գրական հարուստ գործին նուիրուած ես եւ շատ սիրուած:
Մենք պիտի անպայման հանդիպենք: Ճանապարհածախսը շատ անամօթաբար բարձրացրել են, որ չկարողանանք հանդիպել հարազատներին:
Ազատուհի եւ Պէպօ, պահանջում եմ, որ գտնէք որեւէ ելք – հեշտ ու աժան – ցածր, մատչելի գներով գաք:
Եկէք նստենք ու մի սրտագին զրուցենք: Չգիտենք վաղը ինչ է լինելու: Պիտի ձեզ տեսնենք:
Միշտ ձեր՝
Մարօ Մարգարեան եւ ընտանիք
Առաջին էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Ձեր աւագ քոյրիկ-մայրիկ-հարազատ
Մարօ եւ ընտանիք
* * *
[Երեւան,] 6 Յուլիս [19]93[dx]
Իմ բացառիկ թանկ ու սիրելի Պէպօ ջան եւ բոլոր հարազատներ,
Ուղարկում են ձեզ իմ գրած յօդուածը քո թանկագին գրքի մասին, քո յուզաշաղ, բայց ամուր բանաստեղծութիւնների մասին: Ի հարկէ, քեզ նման Հայրենապաշտ հրաշալի հոգին պիտի շատ աւելի ուշադրութեան կենտրոնում լինի Հայրենիքի մտաւորականութեան, բայց դէ գիտես, մանաւանդ վերջին այս աղէտալի տարիներին որքան շաղուած ու շփոթուած ենք: Տիկինդ էլ շատ սիրելի գիրք էր գրել: Դժբախտաբար մեր այս անմխիթար ու գերլարուած վիճակում չենք կարողանում արժանի ձեւով արձագանգել բոլորին: Յայտնիր իմ խորին շնորհակալութիւնն իրեն: Ես միշտ հարազատի ջերմութեամբ եմ յիշում իր ազնիւ պատկերը:
Ի՞նչ ասեմ սիրելիներ, նոյնիսկ այսպիսի օրերին այնքան մեծ ու փոքր ցաւեր կան, որ արդէն բոլոր հարցերում մարդը կորցնում է իր հաւասարակշռութիւնը:
Շատ ափսոս, Պէպօ ջան, որ ձեզ նման սիրելի անձինք այնքան հեռու են եւ ճանապարհի ծախսերն էլ, տոմսերի գները այնպիսի ֆանտաստիկ[dxi] չափերի են հասել, շատերը առաջուայ նման հեշտութեամբ գալ-գնալ չեն կարող:
Շատ կ’ուզէի տեսնել ձեզ, նստել ձեր կողքին, զրուցել, խորհրդածել, բայց անկախ ամէն ինչից, նաեւ ֆիզիկապէս ի վիճակի չեմ: Միակ մխիթարութիւնը, որ թէկուզ հեռու, ձեզ նման հրաշալի հայեր կան, եւ մանաւանդ, որ այդ հրաշալի հոգիները զբաղւում են հայ երեխաների կրթութեամբ օտար ափերում: Ապրէք, շատ ապրէք, առողջ լինէք, ամենագլխաւորը՝ պինդ-ամուր հոգով:
Ձեր՝
Մարօ Մարգարեան
* * *
Երեւան, 11 Դեկտեմբեր [19]93[dxii]
Պէպօ եւ Ազատուհի ջան,
Որքան լաւ է, որ թէկուզ հեռւում ունենք ձեզ նման հարազատներ: Այս օրերին սփիւռքի մեր հայրենակիցները տասնապատիկ թանկ դարձան, յոյս ու հաւատ, ինչ որ տեղ ուժ ու ապաւէն մեզ համար, հոգու սրտի սիրելի յենարան:
Դուք հիմա, յատկապէս դուք՝ Պէյրութի մեր հոգեկիցներդ շատ լաւ կհասկանաք մեզ․ ձեր 16-ամեայ ջարդ ու պատերազմներից յետոյ, փառք Աստ[ու]ծոյ, որ դուք դուրս եկաք այդ ահռելի մղձաւանջից եւ Ձեր այնքան հայաշունչ համայնքը այնուամենայնիւ կարողացաւ պահել իր ոգին ու պատկերը: Ամենասուրբ գործը, Պէպօ եւ Ազատուհի ջան, ամենասուրբ գործը ձեր կրթական գործն է, որով պիտի այս մեր Հրաչի նման լաւ ու հայ տղաներին փրկեց ճերմակ ջարդից: Եւ սերունդներ պահեց հայ:
Ինչպէս տեսնում էք, շարունակւում է մեր աղէտալի ճակատագիրը: Նորից ահռելի վիճակում է հայութիւնը, ամենաստոր ձեւերով շրջափակման ենթարկուած մեր բազմաչարչար երկիրը: Եւ ցաւալի է որ աշխարհի կէսը, խելագարուած, մոլեգնած, ջարդում, զրկում, վնասում են իրարու:
Եւ մեծ ու փոքր դարանած դաւադիրները անում են իրենց սեւ գործը, Պէպօ եւ Ազատուհի, մեր առաջին հարազատներ: Միեւնոյն[ն] է՝ այս հակամարդկային ընթացքը պիտի դադարեցնենք եւ յաղթենք բոլոր չարակամներին:
Շատ շնորհակալ եմ, որ իմ գրած յօդուածը տպագրել էիք ձեր թերթում: Մենք մեր կապերը պիտի ամուր պահենք: Շնորհակալ ենք բոլորս որ Անահիտի[dxiii] ուղարկած գրքի – Ղարաբաղի մասին – այդքան լաւ արձագանգել էիք: Ձեր ամէն քայլը սրբութիւն է, եւ ամենալաւը, Դուք եւ մեր Հրաչի նման հայ տղաները որ երեւի շատ են ձեզ մօտ, իմ լաւ հարազատներ, ամենալաւ գործը այս սերունդներին հայ պահելն է: Ինչ գնով էլ լինի, մենք պիտի դուրս գանք այս աղէտներից եւ բանաստեղծների հոգեհարուստ աշխարհ Հայաստանը պիտի երկար ու գեղեցիկ կեան[ք] վայ[ել]ի շատ երկար ժամանակ:
Իմ անգին հարազատներ, ո՞ւր են հիմա հնագոյն, հզօրագոյն Ասորեստանը եւ շատ երկրներ, մի ժամանակ աշխարհի տիրակալներ եղած հզօրները…
«Մենք եղել ենք, կա՛նք, եւ պիտի լինե՛նք»…, ինչպէս ասել է մեր անկրկնելի Պարոյր Սեւակը:
Ողջ լինէք, հանդիպենք լաւ, երջանիկ օրերին, միայն շուտ գան այդ օրերը քանի դեռ կայ ձեզ շատ սիրող Մարօ Մարգարեանը:
Ջերմ բարեւներ մեր ամբողջ ընտանիքից:
Միշտ Ձեր՝
[ստոր․՝ Մարօ Մ.]
* * *
[Երեւան, 1990-ականներու ա. կէս][dxiv]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի ջան,
Աշխարհի լաւագոյն մարդկանցից ամենալաւերը:
Ի՜նչ հիացումով կարդում եմ գիրքդ՝ «Մարդկային իրաւանց հարցեր»: Գրել ես ինչպիսի՜ նրբութեամբ, խորութեանբ, ի՜նչ իմաստուն թափանցումով ներկայացնում ես մարդու ոգին, էութիւնը արդար, ազնիւ պահելու հարցերը, բայց արդարութեան շատ քիչ է մնացել, սիրելիս, եւ դու ինքդ էլ այդ մասին գրում ես շատ նուրբ ու իմաստուն ձեւերով:
Այս «Մեծ տէրեր» համարուողները մեծ երկրների կենտրոնում նստած, մրցում են իրարու հետ եւ ջնջում են ամբողջ մարդկայինը:
Եւ կեցցես դու, որ ընտրել ես այս կարեւորագոյն հարցերը այդպիսի անկեղծութեամբ: Պատկերացրու, Պէպօ ջան, Գորբաչովի[dxv] «Վերակառուցման» ժամանակ եւ յետոյ էլ Մոսկուայի[dxvi] հսկայ դահլիճներում հազարներով նստած որոշումներ էին հանում-հաստատում մարդու իրաւունքների մասին, տարիներով զբաղեցնում ամբողջ աշխարհը: Այդ ժողովներին նստած էին նոյն հազարները, երբ Սումգայիթում, Պաքուի տարբեր վայրերում կանանց, երեխաներին ջարդում, ծովն էին լցնում, իսկ Սումգայիթում հրդեհներ էին սարքել եւ երեխաներին վառում էին կրակների վրայ: Հէնց այդ օրերին ու ժամերին նոյնպէս օրէնքներ էին գրում եւ ճառեր արտասանում մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան մասին, ոչ մի կարեւորութիւն չտալով, որ երեխաներ են վառում կրակների վրայ իրենց նոյն Սովետական Ատրպէյճանում: Ամէն տեղ, «մեծ» կոչուած աշխարհներում «մեծ» տէրերի աջակցութեամբ: Ի՞նչ է կատարւում քանի տարի է արդէն Հարաւսլաւիայում: Եւ իբր թէ «ոմանք» պաշտպանում են, ներքին անամօթ հաշիւներով ինչպէ՜ս են խառնակում ամբողջ աշխարհը․․․
Այնպէս որ, սիրելի Պէպօ, վերցրել ես բոլորիս սրտին ամենածանր ու վառող հարցը, եւ ի՜նչ ազնուագոյն անկեղծութեամբ, խորունկ նրբութիւններով բացայայտում ես ամէն սքօղուած ստորութիւն:
Ես գիրքդ կարդալիս շարունակ զրուցում էի քեզ հետ եւ ինչ որ բաներ գրում, բայց դեռ չեմ աւարտել: Շատ զարմացայ եւ հիացայ նաեւ գրածովդ մեքենայացման դարի ու մարդու մասին: Այդպէս կարող է գրել միայն ազնիւ եւ իմաստուն մարդը… Կեանքդ երկար լինի Պէպօ ջան: Օրերը լաւանան, Ազատուհու հետ եկէք գոնէ մի քանի օրով Երեւան: Շատ-շատ լուրջ հարցեր կան խօսելու, զրուցելու մեր երկրի ու մեր տառապած ժողովրդի մասին:
«Մարդը… անձկութեամբ համակուած, կը մերժէ «աղիւսակներով յագեցուած մեքենայ դառնալ»:
Մեզ մօտ շատ աւել[ի] բարդ ու խճողուած վիճակ է, եւ մեզ հէնց քեզ նման հարազատներն են անհրաժեշտ:
Ազատուհի ջան, շատ յուզուեցի քո սրտագին ու շատ խելացի նամակով: Բոլոր հարցերում ճիշտ կեանքը ճանաչող, ամէն ինչ խորը հասկացող, կարծես հէնց այդ էլ մանկավարժի, դասախօսի առաջին յատկութիւնն է: Գիտեմ, երկուսդ էլ անձնուրաց, մեծավաստակ, մեր նախահայրերի կատարեալ ժառանգներից էք եւ ամենաուրախալին ինձ համար այն էր որ կարդացի քո նամակում.
«Պէպօն ու ես ու մեր երկու մանչերը Տիգրանն ու Ռազմիկը 21 եւ 20 տարու համալսարանականներ, մենք զմեզ կը զգանք զօրաւոր, կը հաւատանք մեր ապագային…»: Ապրէք: Երջանիկ լինէք․․․
Ձեր՝
[ստոր․՝ Մարօ Մարգարեան]
Նորից կը գրեմ: Հրաչի հետ կգայ:
* * *
[Երեւան, 1990-ականներու ա. կէս][dxvii]
Սիրելի Պէպօ ջան,
Չես կարող պատկերացնել թէ որքան ուրախացայ լսելով անունդ։ Այս հրաշալի տղան՝ Հրաչը երբ հեռաձայնեց քո անունից ողջունելով, մի պահ մոռացայ բոլոր վշտերս ու ցաւերս:
Ապրես Պէպօ ջան, իսկական հայ ազնուական բանաստեղծ ես եւ լաւագոյն հայ քաղաքացի, հայ սիրտ ու հոգի: Այս բոլոր ծանր օրերին մնացիր հաւատարիմ քո ժողովրդին եւ քո դպրոցին, հիմա էլ այս հրաշալի գիրքը:
Եւ իմ այս տողերը վերաբերում են նաեւ քեզ՝ –
Սիրանիւթից շաղախեցիր ինձ, Աստուա՜ծ,
եւ դրեցիր տարածութեան մէջ անսէր…
Ամէն տեղ մեր շուրջը շարունակւում է գենոցիդը, միեւնոյն[ն] է, Պէպօ ջան, աշխարհը ամբողջ կռիւ է, արիւնահեղութիւն – ի՞նչ են ուզում մարդիկ իրարից – խելագարուել են բոլորը։
Է՜հ, ի՞նչ ասեմ մեր թանկ եղբայրս: Պիտի դիմանանք: Ես այս Արցախի վշտից հիւանդացել եմ արդէն, այսքան անելանելի վիճակ – խեղճ հերոս ժողովուրդ: Թողենք վշտերը: Շնորհակալութիւն Աստծուց որ քեզ նման ազնիւ բանաստեղծ-գործիչ-մանկավարժ եւ շատ սիրելի հայ տղաներ կան: Սրտանց շնորհաւորում եմ ե՛ւ քո, ե՛ւ տիկնոջդ, ե՛ւ զաւակներիդ ու բոլոր հարազատներիդ Նոր Տարին: Լաւատես լինենք, հաւատանք, որ դուրս կը գանք բոլոր աղէտներից եւ կհանդիպենք Երեւանի մէջ նորից ուրախ ու երջանիկ:
Գիրքդ հէնց նոր ստացայ, Հրաչը հիմա նստած է դէմս, որ [քո] սանն է եղել եւ շատ լաւ տղայ է: Պէպօ ջան, փրկութիւնը լաւատեսութիւնն է, պէտք է հաւատանք լաւին:
Ես շատ երկար ժամանակ հիւանդ էի, անունդ լսեցի՝ ուրախացայ, հրաշալի գեղեցիկ գիրքդ տեսայ՝ հիացայ…
Ուրեմն 100 տոկոսով հունի մէջ աշխատում ես եւ ապրես որ չես լքում հայ դպրոցը:
Երկար ապրէք բոլորդ
Առողջ լինէք եւ երջանիկ օրերով հանդիպենք:
Ամենաջերմ սիրով, կարօտով՝
Մարօ Մարգարեան
Նորից եւ նորից
* * *
[Երեւան, 15 Դեկտեմբեր 1994][dxviii]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի ջան,
Պիտի խոստովանեմ ձեզ, որպէս հարազատների, որ այս ծանր օրերին դժուար եմ դիմանում, եւ յաճախ եմ հիւանդանում, եւ յատկապէս այս տարիքը դիզած օրերին շատ տխուր եմ, որ թանկ պարտականութիւններս յաճախ չեմ կատարել, ապրել եմ յաճախ շաղուած ու շփոթուած, եւ հիմա, որ քիչ ժամանակ է մնացել, շատ բան յիշում եմ սիրտս վառուելով:
Օրեր առաջ տեսայ մի թերթ տպագրուած Պէյրութում: Յօդուած էր գրուած իմ պոէզիայի մասին, հեղինակ՝ Շահանդուխտ: Մի թեթեւ նայեցի եւ իսկոյն կորցրի մեր թղթերի, թերթերի ովկիանոսում, յետոյ գտայ մի գիրք՝ «Այրող կամուրջներ», Շահանդուխտ հեղինակ, բաւական ջերմ մակագրուած ինձ: Յիշեցի, գիրքը կարդացել էի 80 թուին ինձ ուղարկած, Պէյրութի պատերազմի օրերի շատ վառ ու սուր նկարագիրներ էին: Նորից նայեցի, շատ յուզիչ, սիրտ վառող հատուածներ ժողովրդի կեանքից վիճակից եւ յաճախ շատ բանաստեղծական ու կենսավառ[dxix] խոհեր ու խորհրդածութիւններ: Գրուած է «Սիրելի բանաստեղծուհի Մարօ Մարգարեանին՝ կարօտով»: Ուրեմն ծանօթ ենք եղել, իսկ իմ յիշողութիւնը խամրել է շատ: Հեղինակի լուսանկարը չկայ, եթէ լինէր՝ կը յիշէի:
Պէպօ ջան, շատ խնդրում եմ, եթէ հնարաւոր է՝ իմացիր այդ հաճելի հետաքրքիր հեղինակ հայուհին Պէյրութո՞ւմ է, թէ՞ ուրիշների նման նա եւս գնացել է աւելի ապահով բնակավայր: Գրքի վրայ գրուած է հեղինակի հասցէն.
- BERTIZLIAN
- P. 11-587
Beyrouth – Liban
Եթէ հնարաւոր է՝ ստոյգ իմացիր եւ ինձ մի նամակ գրիր, եթէ գտնես ստոյգ հասցէն:
Շատ վշտացած եմ այս ծանր օրերի համար եւ շատ կարիք եմ զգում ազնիւ, սրտացաւ, իմաստուն բարեկամների: Որքա՜ն կ’ուզէի հանդիպել Ձեզ՝ Քեզ ու Ազատուհուն, մի քիչ նստէինք, մի շատ լուրջ ու շատ խորը զրուցէինք մեր այս բզկտուած ճակատագրի, մեր ժողովրդի հեռանկարի մասին: Իսկապէս որքա՜ն ծանր օրեր դուք եւս տեսաք եւ քանի՜ տարի: Հերոսութիւն էր այդ օրերի մէջ հայրենի դպրոց պահել: Հայ դպրոցը ինձ համար առաջին սրբավայրն է աշխարհում, հայոց ուսուցիչը՝ առաջին թանկ հարազատը: Ու որքա՜ն ափսոս, որ այս վերջացող դժուար կեանքում այսքան հեռու ենք իրարից: Մի ժամանակ Պէյրութը ես համարում էի նաեւ հազուագիւտ Հայաստան. Որքա՜ն ազնիւ ու թանկ մտաւորական, սիրելի մարդիկ էին գալիս, ի՜նչ սիրով ու ջերմութեամբ էինք հանդիպում տասնապատկած հարազատութեամբ, բայց ինչպէ՜ս հեշտ կորցրինք բոլորին հեռուից-հեռու…
Ափսո՜ս մեր ջերմ ու տաք սրտին ու հոգուն եւ մեր սառցապատ դժուար կեանքին:
Դու եւ անուշիկ տիկինդ այդ բացառիկ հարազատներից էք մեզ համար: Լաւատես լինենք եւ հաւատանք, որ նորից լաւ օրեր կգան եւ մենք կհանդիպենք մեր բացառիկ սիրով ու ջերմութեամբ:
Զարմանում եմ, Պէպօ ջան՝ գրող, բանաստեղծ, գրականագէտ ես: Յիշում էի, դու քո տաք սրտով, գրողների մասին, յատուկ ուսումնասիրած, գիրք էիր գրել բոլորի մասին բնորոշ հատուածներով, իսկ աշխարհում երեւի ամենադժուարը հայոց դպրոց պահելն է:
Բոլոր ասպարէզներում ցանկանամ յաջողութիւն գեր-գերազանց, եւ ամենաթանկը՝ առողջութիւն բոլորիդ, այդ հրաշալի գործեր, ինչ անում էք,[dxx] բոլորը Հայրենիքի եւ նրա ժողովրդի համար է, Պէպօ-Ազատուհի ջան, ձեզ նման իմաստուն անձնուէր մարդիկ են այստեղ եւ դրսի եւ Հայրենիքի ժողովրդին եւ նոյնիսկ իրենց հեռուներից պահում ու զօրեղացնում են Հայրենիքը:
Ապրէք շատ երկար, առողջ, բախտաւոր:
Այս փոքրիկ նամակը հասցրէք իմ սիրելի Վահէ-Վահեանին:[dxxi] Ինձ ասացին որ նա ողջ առողջ է։ Իմացայ եւ շատ ուրախացայ:
Օրերը տաքանան՝ եկէք մեզ մօտ, ուրախանանք միասին:
Մէկ է, պիտի հասնենք լաւ օրերի որքան կարելի է շուտ եւ անբեկանելի խաղաղութեամբ:
Միշտ ձեր հարազատ՝
Մարօ Մարգարեան
Առաջին էջի ձախ լուսանցքին գրուած է.
* * *
[Երեւան, հաւանաբար՝ 1994-ի Դեկտեմբերի բ. կէս][dxxiv]
Պէպօ ջան,
Մի կարեւոր միտք յիշեցնեմ՝ իւրաքանչիւր գրքի վրայ, կամ I էջերին պիտի լինի հեղինակի նկարը, սխալ է առանց լուսանկարի, մանաւանդ սփիւռքի նշանաւոր մարդկանց նկարը անհրաժեշտ է Հայրենիքին: Քո գրքերում անպայման պիտի լինի. ես մեր Հրաչին՝ քեզ շատ սիրող աշակերտիդ խնդրեցի, բերեց մի փոքր նկար, բայց յստակ, լաւ արտայայտութեամբ: Ուրախացած՝ տուեցի Աբգարին,[dxxv] եւ խնդրեցի մի քիչ մեծացնեն, նոր տպեն: Աբգարը հէնց երէկ ասաց ամէն ինչ շատ լաւ է, արդէն տպագրւում է, շուտով սիրով կուղարկենք:
Ամենաջերմ սիրով,
Ձեր՝
[ստոր․՝ Մարօ Մ.]
* * *
[Երեւան, հաւանաբար 1994-ի վերջ][dxxvi]
Թանկ սիրելիներ Պէպօ եւ Ազատուհի ջան,
Շատ ցաւալի բան է, երբ շատ սիրելի մարդիկ ապրում են շատ հեռու: Եթէ նոյնիսկ շատ մտերիմ չենք եղել, մեր հայ հոգիները ահագին մեծ ու փոքր հարցեր ունեն խորհրդակցելու, ինչ որ չափով մտորելու, ստուգելու սեփական մտքերը: Լաւ է, թէկուզ հեռւում ունենք ձեզ նման ազնիւ, իմաստուն հարազատներ – մանաւանդ վաստակաշատ:
Ստացել եմ, Պէպօ ջան, քո «Հայակերտում Եւ[dxxvii] Մանկավարժութիւն» գիրքը: Մի քիչ նայել եմ եւ Աբգարին հարցրել՝ ինքը ստացե՞լ է, թէ՞ ոչ: Ասաց՝ չի ստացել եւ կուզի անպայման տեսնի-ունենայ, քանի որ Պէպոյի մասին բան է ուզում գրել: Ես, ի հարկէ, իսկոյն տուեցի իրեն, շատ ուրախացաւ:
Հայրենապաշտ ու շատ գործ անող հարազատ է Աբգարը, բայց շատ է խճողուած բազմազան գործերով: Այս խառնակ օրերին Գրողների [միութեան] I քարտուղարը արդէն բաւական ծանրաբեռնուած է, դրան գումարած մեծ, ծանրակշիռ «Նոր դարը» որը, ցաւօք, 2 ամիսը մէկ է լոյս տեսնում եւ խեղճ աշխատակիցները հազիւ են հասցնում: Հիմա մեր «Նոր դարը» մեր օրերի լաւագոյն գործերից մէկն է, բայց ինձ համար յատկապէս ցաւալի է, որ քեզ նուիրուած յօդուածը մի քիչ ուշ կհասնի քեզ, բայց մեր խմբագիրը շատ ճշմարիտ է եւ անխափան, անպայման կաշխատի շատ չուշացնել:
Պէպօ եւ Ազատուհի ջան, որ նամակ գրէք, յիշէք նաեւ, որ լաւ լուրեր ենք ցանկանում ունենալ[dxxviii] ձեր կեանքի եւ ձեր այդքան կարեւոր գործերի մասին: Ապրէք, որ գրել էիք «Հայակերտում Եւ Մանկավարժութիւն»: Հէնց այս դժուար ժամանակների ամենակարեւոր հարցն է մանաւանդ սփիւռքահայ, աշխարհով մէկ ցրուած համայնքներում:
Իմ լաւ, անգին, հարազատներ, պատկերացրէք որ դարերի այս երազած անկախութիւնն էլ ստացանք շատ վատ վիճակում՝ երկիրը շրջափակումների մէջ, դարանած հակառակորդներ, որ շարունակ շեշտում են մինչեւ հիմա «Հայաստանը առանց հայերի» եւ պատկերացնում էք խեղճ ժողովուրդի մի մասը այնքան նիւթական ծանր վիճակում էր, որ նոյնիսկ այս բացառիկ բախտի բերած ժամանակն էլ, մարդիկ իրենց ընտանիքը պահելու համար, շատերը ստիպուած եղան նորից ուրիշ երկրներ գնալ, նրանց ապաւինել: Մեղադրել չես կարող. Ժողովրդի մէջ շատ ծանր վիճակով, մի կերպ ձգող եւ զաւակներին պահելու համար շատ դժուար վիճակներով ընտանիքներ կան, միւս կողմից էլ քաղաքի ծայրամասերում դղեակներ են կառուցում, հալալ լինի, Աստուած օգնի բոլորին: Միայն թէ ամէն ափի Պէպոյի եւ Ազատուհու նման հարազատների շատ հանդիպեն, որը նոյնպէս այնքան էլ հեշտ չէ:
Առողջ լինէք, սիրելիներ, զաւակներով, բոլոր հարազատներով, երկար ապրէք եւ երջանիկ, մենք էլ թէկուզ հեռուից միշտ լաւ լուրեր ունենանք ձեր մասին: Ամենաթանկ ասպարէզը ձերն է, ամենահայապաշտ գործը, իրօք, հայոց մանկավարժութիւնն է ու հայոց դպրոցները:
Ամենաջերմ մաղթանքներով,
Ձեր՝
Մարօ Մարգարեան
Առաջին էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Աբգար Ափինեանը յօդուածը Ձեր մասին գրել է, արդէն տպագրւում է:
* * *
[Երեւան, հաւանաբար՝ 1994-ի Դեկտեմբերի բ. կէս][dxxix]
Պէպօ ջան, մեր անգին հարազատ, վաղուց լուր չունենք քեզանից: Ափսո՜ս, որ շատ հեռու ես ապրում, չենք կարող ուզած ժամանակ վազել քեզ մօտ: Ինչպէ՞ս ես, ինչպէ՞ս են զաւակներդ եւ սիրելի Ազատուհին:
Ես քո գիրքը յանձնեցի «Նոր դարի»[dxxx] խմբագրին, մեր լաւ Աբգար Ափինեանին: Նա մի փոքր յօդուած է գրել, բայց շատ ջերմ ու սրտանց սիրով ուղարկում եմ քեզ: Այս ամսագիրը շատ սիրուած ու գնահատուած է մեզանում: Դժբախտաբար ես յօդուածները դժուարութեամբ եմ գրում: Քո մասին պարտական եմ գրելու, բայց պիտի շատ լուրջ ու իմաստալից գրեմ, քեզ արժանի կերպով: Ուժերս տեղը չեն հիմա. երկար ժամանակ կիսատկար, կիսահիւանդ ձգում եմ, տարիքս է ձգում:[dxxxi] Վերջին բանաստեղծական գիրքս տարիներ շարունակ սեղանիս վրայ է: Մեծամտութիւն անեմ, որ բաւական լաւ նոր գործեր ունեմ, բայց ամբողջ գրքով չեմ կարողանում անհրաժեշտ չափով զբաղուել: Պէպօ ջան, տարիների կուտակումը ու շատ յոգնածութիւնը իրենց դերը կատարում են: Ափսոս, որ այստեղ չես մի փոքր սրտագին զրոյց անենք: Ամենաջերմ ողջոյններս քեզ եւ հարազատներիդ:
Մարօ Մարգարեան
Էջին ամենէն վերը, մէջտեղը, առանձին շրջանագիծի մէջ գրուած է.
ՆՈՐ-ԴԱՐ, էջ 313, Պէպօ Սիմոնեան
Էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Պէպօ ջան, «ՆՈՐ ԴԱՐԻ» 313-[րդ] էջում, փոքրիկ յօդուած է, բայց մեծ բովանդակութեամբ, եւ քո մասին շատ պիտի գրենք:
Քոյրդ
Մարօ
* * *
[Երեւան,] 11 Դեկտեմբեր [19]95[dxxxii]
Շատ սիրելի Ազատուհի,
Անչափ զգացուեցի Ձեր սրտագին խոհուն ու ազնիւ նամակը կարդալով: Գիտէք, ես յատուկ ջերմ զգացում ունեմ Ձեր ընտանիքի հանդէպ:
Անչափ հիացայ Պէպոյի վերջին գրքով՝ նուրբ, իմաստուն մարդկային կեանքի ամենակարեւոր հարցերի մասին: Կարծում եմ՝ այդ գիրքը գլուխ գործոց է այդպիսի մարդկային կարեւորագոյն նրբագոյն հարցերը քննելու, ներկայացնելու առումով: Կեանքի բարդ ու դժուար հարցերը ուղիղ ճշմարիտ ներկայացնելու գործում: Սրտանց շնորհաւորում եմ իրեն եւ բոլորիդ: Ցանկանում եմ երկար, առողջ կեանք: Դուք եւս շատ մեծ վաստակի տէր էք աշխարհի ամենակարեւոր գործում:
Բայց կեանքիս մէջ այսպէս բան չէր եղել, որ իմ ամենասիրելի, ամենայարգելի մարդկանցից մէկը գայ Երեւան եւ ինձ գոնէ մի անգամ չհեռաձայնի: Հետաքրքիր է որ հնչակեանների համաժողովի[dxxxiii] դահլիճում ուր ինքը նստած է եղել, ես եւ իմ դուստրը՝ Անահիտը եւս այդ մեծ դահլիճում նստած էինք եւ մտքներովս չէր անցնի, որ մեր թանկագին Պէպօն այդ դահլիճում է։ Մենք՝ ես եւ դուստր, շուտ դուրս եկանք գնացինք, մեզ դուրսը սպասող կար: Յետոյ շատ ուշ իմացանք Պէպոյի Երեւանում եղած լինելու մասին: Ոչինչ: Որ նորէն գայ, մենք նրան կը գտնենք:
Սիրով՝
Մարօ Մարգարեան
* * *
[Երեւան,] 1 մայիս [19]96[dxxxiv]
Գեղեցիկ վաստակների մեր զաւակ,
Այս ինչ հրաշալի գիրք ես գրել Ազատուհի ջան,–[dxxxv] ամենակարեւորը, ամենաթանկը: Զարմանալի է որ մարդկութիւնը անհրաժեշտ ճիգն ու ջանքը չի դնում այս ամենակարեւոր հարցի վրայ, բայց էլ ինչ ճիգ ու ջանք, էլ ինչ խնամք, երբ «մարդ» կոչուածը քնած երեխաների գլխին …. ռումբեր է նետում… Կեանքը շատ է վատացած։ Ապրես որ այսքան լաւ գիրք ես գրել:
Միեւնոյնն է, մարդ կոչուածներից շատերը այս աշխարհի տարբեր ափերին դեռ հեռու են մարդ լինելուց եւ մարդ կոչուելուց…
Շատ ազնիւ, իմաստուն, նուրբ ու խորունկ խոհերով գիրք է գրածդ, Ազատուհի ջան, իւրաքանչիւր տողում, որքան իմաստալից, բայց կեանքում ծանր ու խճողուած հարցեր են, սակայն լաւագոյն մտքերը նոյնպէս կեանքից վերցրած նուրբ ընկալումներ են եւ շատ կարեւոր դասեր, խոհեր ու խորհուրդներ նոյն կեանքի համար, եւ ամենակարեւորը, որ երեխաների, երիտասարդների ու ծնողների համար են, նրանց կեանքի ընթացքի դասաւորման, ճիշդ հունի մէջ դնելու ամենադժուար գործի համար… Ուրեմն լաւ մարդը կեանքից լաւն է վերցնում, իսկ վատը՝ ահռելի վատ գործեր է անում:[dxxxvi]
Ապրես, շատ ապրես, մեծ սիրով կարդացի, որոշ էջեր մի քանի անգամ եւ նորից պիտի կարդամ եւ տամ ուրիշներին, ծնողների եւ մանկավարժների, որ նոյնպէս շատ ուշադիր կարդան։ Դրանք բոլորիս կեանքի էութեան դաստիարակութեան ամենաէական հարցերն են։ Ի զուր չէ որ տասնեակ տարիների մանկավարժ, դասախօս ես:
Եւ ինչ լաւ հանդիպում է քո եւ Պէպոյի հանդիպումը, եւ ի հարկէ[dxxxvii] դժուար է ձեզ համար, ի հարկէ. շարունակ ծանր դէպքերի, անցուդարձերի, կռիւների, աղմուկների հանդիպող աշխարհում էք, բայց հէնց այդ տեղում էլ դուք շատ պէտք էք կրկնակի, եռակի դժուարութիւնների մէջ գտնուող մեր ժողովրդին: Ամէն անգամ երբ յիշում եմ ձեզ ու մտածում, թէ որքան լաւ գործեր էք անում, որքան օգնում ու փրկում, մանաւանդ մեր ջահելներին, սիրտս ծփում է ուրախութեան եւ երախտիքի յուզումներով։ Ափսոս, մի քիչ աւելի մօտիկ լինէինք, մէկ-մէկ գոնէ հանդիպէինք… Կան մարդիկ, որոնց տեսնել չես ուզում, բայց յաճախակի տեսնում, կան որոնց շատ ես ցանկանում տեսնել եւ չես կարող, բա ափսոս չի՞ այս կարճատեւ կեանքը:
Պէպօ ջան,
Շատ ուրախացայ քո վերջին անկեղծ ու սրտագին նամակով: Պատկերացրու, 80-ամեակս շատ ջերմ, ազնիւ, անկեղծ զգացումներով տօնեցին հէնց իմ սիրելի մարդիկ: 80-ամեակ, բայց դեռ 8 տարեկան երեխայի նման եմ, մանաւանդ անկեղծութեան, շիտակութեան հարցերում որոնց կարիքը շատ եմ զգում:
Ի դէպ, ասեմ որ աններելի է այդքան քիչ Հայրենիք գալը: Հասկանալի է՝ ծանրաբեռնուած էք, բայց մէկ է՝ Հայրենիքը ձեր կարօտն ունի, կարծում եմ դուք էլ նրա կարօտը պիտի զգաք:
Պէպօ-Ազատուհի ջան, բոլոր դէպքերում, պարզ ու ջերմ հաղորդակցութիւնը շատ թանկ բան է, մանաւանդ սփիւռք-Հայրենիք սրբութիւններում:
Պէպօ ջան, քո նամակի մի ակնարկը «բանաստեղծի անունը շալակածների», շրջող, խրախճանքներ սարքողների[dxxxviii] մասին՝ շատ ճիշդ է, բայց այս մեր սովետական կարգերում, ուր Չարենց ու Բակունց էին ոչնչացնում, պատկերացնո՞ւմ էք որքան մեծ ու փոքր կեղծիքներ, անարդար, անազնիւ արարքներ են եղել, ու որքան անամօթ օգտուողներ հէնց արդարի անունից, հիմա էլ կան,[dxxxix] արդար ազնիւներին խանգարելով… Էհ, ինչ անենք, մեր կեանքն էլ այսպէս ընթացաւ, ու տեսնենք այս դարեր երազած անկախութիւնը ինչպէս կկարողանանք պահել եւ գոնէ մի փոքր օգնել այս տառապած ժողովրդին:
Լաւատես լինենք, հաւատանք լաւին եւ ամէն մէկս մեր ձեւով, մեր չափով կարողանանք օգնել: Մենք ոչինչ, սիրելիներ, ջահելներն են ափսոս, նրանք չտեսնեն այն ինչ մենք տեսանք: Ապրէք ձեր ազնուական գործի, ընդհանուր վաստակի համար եւ ձեր հրաշալի գրքերի համար:
Թուղթի դարձերեսի ձախ լուսանցքին գրուած է.
Միշտ ձեզնով ուրախացող՝
Մարօ Մարգարեան
* * *
[Երեւան,] 1 Դեկտեմբեր [19]96[dxl]
Սիրելի Պէպօ,
Շատ ափսոս, որ քիչ տեսանք քեզ: Ոչինչ, յաջորդ անգամ Ազատուհու հետ եկէք միասին, մի քիչ Հայրենիքը քեզ վայելի եւ մի քիչ աւելի մօտիկից ծանօթանաք Հայրենիքի հարազատների հետ:
Մեր «Նոր դարի» խմբագիր Աբգար Ափինեանը ցանկանում է իր հանդէսի մէջ քեզ ներկայացնել: Ճիշդ է, ինքդ լաւ գիտես, որ ժողովուրդը պիտի լսի, պիտի կարդայ, ճանաչի, հասկանայ եւ ջերմ կապ պահի: Սխալ է սփիւռքի եւ Հայրենիքի անջատ ու անհաղորդ լինելը: Եւ պիտի մօտիկից ճանաչեն, հէնց հոգեհարուստ, վաստակաշատ հարազատներին:
Հիմա խնդրում ենք ուղարկէք մի նկար՝ քոնը եւ Ազատուհունը, լաւ նկար, յստակ, ոչ փոքր, որ տեսնողը տպաւորուի ու ճանաչի: Եւ եթէ կարելի է, Պէպօ ջան, մի փոքր կենսագրական նիւթ[dxli] գրի ուղարկի մեր լաւ Հրաչի հետ: Հրաչը մի նկար գտաւ բերաւ, բայց փոքրիկ է, աւելի լաւն ու տպաւորիչը ուղարկի: Աբգարի մօտ քո գրքերից կան: Աբգարն[dxlii] ասաց՝ ինձ կտայ, մօտիկից ես ինքս էլ տեսնեմ, կարդամ: Ես շաղաղուած եմ ապրում, Պէպօ ջան, յիշողութիւնս էլ վատացել է: Քանի դեռ խելքս տեղն է, լաւ օրեր լինեն՝ մի քիչ տեսնուենք, խորհենք, խորհրդակցենք: Սիրելի Ազատուհու դէմքը արդէն մոռացել եմ: Տես դու, այս կեանքին նայիր շարունակ, հանդիպում ես երբեմն նոյնիսկ ոչ շատ սիրելի մարդկանց, իսկ շատ թանկերին տարիներով չես տեսնում:
Բնութիւնը ինքը սխալ է դասաւորել մարդու կեանքը եւ մարդ ինքն յաճախ աւելի է վատացնում: Ափսոս է կեանքը, Պէպօ ջան, Ազատուհի ջան: Հայրենիք յաճախ եկէք: Անպայման ուղարկէք ձեր լուսանկարները եւ գրէք մի քանի կարեւոր տեղեկութիւններ ձեր կեանքից: Պէպօ ջան, քո գրքերից, ամենասիրելիներից մէկը ուղարկիր ինձ եւ հաստատ որոշէք գարնան կողմերին այցի գաք: Շատ ցանկանում եմ նստել ձեզ մօտ ու զրուցել շատ հարցերի մասին: Բարեւներս ջերմագին մեր Ժիրայր Նայիրիին եւ բոլոր նրանց ովքեր դեռ յիշում են ինձ:
Պէպօ ջան, մի քանի խօսք էլ հին բարեկամներիս մասին գրիր: Ինչպէ՞ս են Վահէ-Վահեանը, Օննիկ Սարգ[ի]սեանը,[dxliii] որտե՞ղ է եւ ինչպէ՞ս է Երուանդ Պապայեանը:[dxliv] Նա շատ ջերմ կերպով կապել էր ինձ իր Թէքէեան դպրոցի հետ – աշակերտները ինձ նամակ էին գրում: Բայց այդ հակամարդկային պատերազմ կոչուածը, այն էլ այդքան երկարատեւ, ցրեց, կորցրեց շատ շատերին: Առողջ լինէք Դուք, երկար ապրէք եւ շատ հանդիպենք: Խնդրածս չմոռանաս. քո եւ ձեր կեանքից մի քիչ կարեւոր տուեալներ ուղարկիր: Դու գիտես, որ շատ բան մենք հեռուից լաւ չենք իմանում եւ յաճախ էլ ճիշդ չենք պահում մեզ:
Առողջ լինէք, երջանիկ ու երկար կեանք:
Միշտ ձեզ կարօտած՝
Մարօ Մարգարեան եւ ընտանիք
Առաջին էջին վերը, ձախ լուսանցքէն մինչեւ նամակին առաջին բառը եղած տարածութեան մէջ գրուած է.
Պէպօ ջան, Ժիրայր Նայիրիի նամակը տուե[՞]լ [ես]:
Առաջին էջի դարձերեսն եղող պարապ էջի լուսանցքին գրուած է.
Պէպօ ջան, ներիր որ այսպէս ցրուած, անկանոն գրեցի: Արտագրելու ժամանակ չկայ:
Միշտ քո հարազատ՝
Մարօ
* * *
[Երեւան,] 5 Դեկտեմբեր [19]96[dxlv]
Շատ սիրելի Պէպօ ջան,
Իմ հոգու սրտագին հարազատ, դու շատ իմաստուն նուրբ ու հոգեշաղախ արձակ բանաստեղծութիւն ես գրել իմ պոէզիայի մասին: Դա ոչ միայն լաւ յօդուած է, այլեւ լաւագոյն բանաստեղծի ջերմ ու նրբախօս մտորումներ: Կարդալով այդ՝ ես մտածեցի, որ ժամանակին ես քո խառնուածքը հասկացել եմ ամբողջ հոգով, էութեամբ եւ հեռուից հեռու այսքան խորը սիրել ու յարգել եմ քեզ: Ինքդ ե՛ւ ընտիր բանաստեղծ ես, ե՛ւ իմաստուն գրող, կարծեմ բոլոր ժանրերով: Ինչ դուրս է գալիս քո գրչի տակից, բոլորը նուրբ են ու խորունկ, սրտագին, ազնիւ ու հարուստ հոգու բխումներ…
Գիտես երեւի իմ մասին բաւական շատ են գրել լաւ մարդիկ եւ շատ ջերմ ու լաւ, բայց քո այս գործը, քո հոգեշաղախ լուսարձակող յօդուածը շատ յուզեց ինձ: Մէկ էլ Շահնուրի գրած հրաշք նամակը: Բայց դու ներիր, որ մեծ ուշացումով եմ գրում այս մասին: Երկար ժամանակ լուրջ հիւանդ էի, պառկած հիւանդանոցում: Բայց մի փոքր տկար էր նաեւ իմ ծոռնիկը: Ես հակառակ իմ լաւ բժիշկների ցանկութեան, թողի հիւանդանոցը եւ հարսիս ու 2 ծոռնիկիս վերցրած, գնացի Ծաղկաձորի գրողների հանգստեան տունը: Եթէ ես չգնայի, վախեցայ նրանց մենակ, առանց ինձ չընդունեն, եւ լաւ եղաւ ամէն ինչ: Վերադարձանք առողջացած: Բայց նամակդ ուշ հասաւ ինձ: Ներիր, որ ցրուած շաղուած բանաստեղծուհու խառնուածքով ամենասիրելի գործերս ուշացնում եմ աններելի չափով:
Պէպօ ջան, քո ցեղից, ընտանիքից միայն սիրելի Ազատուհուն գիտեմ, որի գիրքը կարդալով մանուկների հոգեբանութեան մասին՝ շատ հիացել էի: Չգիտեմ գրե՞լ եմ այդ մասին, թէ՞ ոչ: Ամենաջերմ զգացումներս հաղորդիր իրեն:
Այս է կեանքը Պէպօ ջան՝ մէկին հարազատից աւելի կսիրես, բայց ամբողջ կեանքում 1, 2 անգամ կտեսնես:
Իսկ մեր անհասկանալի, անխելք խառնակիչները, «աթոռ» զաւթելու համար մի քանի ամբողջ ամիս եւ դեռ աւելին, մեր մօտի օփերայի հրապարակում աղմկում էին, սուտ խոստումներով ու ղեկավարներին հայհոյելով ժողովուրդին գժուացրել էին, փողոցները ցոյցերի քաշել: Ահագին վնասեցին ե՛ւ տառապած ժողովրդին, ե՛ւ դժուար վիճակում ղեկավարներին, ե՛ւ ամէնից շատ՝ իրենց: Շատ ցաւալի բաներ եղան: Բարեբախտաբար ղեկավարութիւնը եւ մանաւանդ ներքին պաշտ[պ]անութեան նախար[ար]ը՝ Վանոն,[dxlvi] որ գրող է,[dxlvii] կարողացան անվնաս զսպել բոլորին, կարգի բերել, առանց զոհեր տալու: Իսկ փառամոլ զաւթիչները արդէն դրսում են սարքում անազնիւ կեղծիքներ եւ ամբողջ երկիրը վարկաբեկում, իսկ նախագահը՝ Լեւոնը[dxlviii] ահագին լաւ գործեր է արել, շրջափակումները վերացրել, Ղարաբաղի կռիւները խաղաղացրել, ահագին բարեկամութիւն եւ հեղինակութիւն ստեղծել եւ սկսել էր արդէն ժողովրդի կեանքը կարգի բերել…: Եւ բոլորը ջուրն ածեցին, իսկ անտեղեակ մարդիկ աւելի շատ հաւատում են բամբասանքներին: Այս է կեանքը:
Իսկ «անկախութիւնը» – ինչպէս ստացանք՝ է՛լ Սումգայիթ, է՛լ Պաքուի ջարդեր, է՛լ Տեմիրէլի[dxlix] ահռելի արտայայտութիւնը եւ սպառնալիքը – է՛լ շրջափակումներ, պատերազմը, էլ պայթեցումներ – փառք Աստծու մեծ մասից փրկուել էինք, հիմա էլ սեփական փառամոլների վարկաբեկիչ խառնակումները, իսկ անտեղեակները աւելի շատ կեղծին ու վատին են հաւատում: Իսկ դրսի անտեղեակներին խաբելը աւելի հեշտ է: Մէկ է, անկախ բարդութիւններից, կամաց-կամաց խաղաղւում է ամէն ինչ։ Չքաւոր, վատ ապրողներ շատ կան, բայց կան նաեւ անամօթ կաշառամոլ-կողոպտիչներ, որ այս օրերին դղեակներ են կառուցում:
Այս է կեանքը Պէպօ ջան:
Հիմա անցնենք նորից մեր սիրելի պոէզիային: Ես միշտ ասել ու գրել եմ, որ ամէն ստեղծագործութիւն ինքը, իրեն հեղինակն է: Էն լուսաշաղախ յօդուածը դու ես, քո բոլոր իմաստուն գրքերն ու գործերը դու ես, Ազատուհու այդքան նուրբ դիտողութիւններն ու դատողութիւնները ինքն է, իր մտքի, հոգու ուժն ու էութիւնը: Վատն այն է, որ քիչ ենք տեսնում ամենասիրելի մարդկանց: Կարծեմ 2 տղայ ունէք, հէնց որ կեանքը լրիւ խաղաղուի, բոլորդ կգաք, մեր հիւրը կլինէք ու շատ բաների մասին կզրուցենք, կխորհրդակցենք: Իսկ հիմա ջերմագին շնորհակալութիւնս յայտնիր ձեր խմբագիր Ժիրայր Նայիրիին եւ իմ անունից ասա՝ այս նեղ օրերին, երբ մի կերպ ուշքի ենք գալիս, փառամոլ զաւթիչ բանսարկուներին չլսի եւ չհաւատայ: Լաւ օրերին նա էլ, որպէս լաւ, հարազատ խմբագիր, գայ Հայրենիք, շատերին անձամբ ճանաչի՝ աւելի լաւատես կդառնայ: Մէկ է՝ ես լաւատես եմ եւ հաւատում եմ, որ շատ լաւ օրեր պիտի գան եւ շատ լաւ բարեկամների պիտի հանդիպենք եւ սկսենք նորից մեր բանաստեղծական կեանքը: Առողջ լինէք, երջանիկ, մանաւանդ զաւակները: Պիտի բոլորիդ տեսնեմ մեր ուրախ օրերին:
Պէպօ ջան, զանգահարիր «Նոր կեանք» հանդէսի խմբագիր Մանուէլ Կազանջեանին:[dl]
Ամենաջերմ սիրով,
Ձեր՝
[ստոր․՝ Մարօ Մարգարեան]
* * *
[Երեւան, 1990-ականներու կէս][dli]
Սիրելի Պէպօ,
Շուտով լոյս է տեսնում իմ բանաստեղծութիւնների ամէնից կատարեալ ժողովածուն, առաջին օրինակներից մէկը պիտի ուզէի [ուղարկել] Ձեզ: Մի ինչ որ շատ լաւ, բարձր, բանաստեղծական զգացում ունեմ Ձեր հանդէպ, մի լուսաւոր հաւատ:
Վերջապէս մի օր կգաք, որ ես առողջ լինեմ, դուք էլ՝ ժամանակ [կունենաք], կնստենք, կզրուցենք:
Անչափ[dlii] լաւ տպաւորութիւն ունեմ Ուզունեան ընտանիքից. նրանք էլ եկան 2-3 օրով եւ օրինաւոր չկարողացանք տեսնել, յետոյ շատ պիտի ափսոսանք ժամանակը եւ մարդկանց:
* * *
[Երեւան, 1990-ականներու կէս][dliii]
Պէպօ ջան,
Մի քանի նամակներ գրուած են, սեղանիս վրայ են, համոզուած եմ, որ արտագրել ուղարկել եմ քեզ, բայց քո գրած յօդուածը իմ մասին իր նրբութեամբ, իր խորունկ իմաստուն երանգներով այնքան է[dliv] յուզել ինձ, որ ցանկանում եմ շարունակ խօսել ու խորհրդակցել քեզ հետ: Ուրախացել եմ ոչ այնքան իմ հասցէին գովասանքների համար, որքան քեզ համար որ դու այդքան խորունկ ու նրբամիտ ես:
Եւ մեծ ցաւ է, Պէպօ ջան, որ այսքան սիրելի մարդիկ շատ հեռու են մեզանից եւ տարիներով չենք տեսնում:
Համոզուած եմ որ լաւ օրեր կլինեն, Ազատուհու հետ միասին կգաք մեզ մօտ գոնէ այս ծերութեան ափերին մի սրտագին կուրախանանք:
Պէպօ ջան, մօտս է նաեւ «ՆԱՅԻՐԻ»ի բացառիկի թիւը որտեղ սիրելի Ժիրայր Նայիրին շատ խելացի ու գեղեցիկ ներկայացրել է եւ իմ գրածը եւ իրեն թանկ վերաբերմունքը եւ ջոկել տպագրել է իմ ամենասիրելի բանաստեղծութիւններից, եւ տպագրել է յօդուածին մօտիկ: Յայտնիր նրան իմ խորին շնորհակալութիւնը: Ես նրան եւս մօտ օրերս սիրով կգրեմ։ Տպագրել է «բաց նամակս», հիմա կգրեմ փակ նամակ, բայց չգիտեմ փոստով ուղարկածները հասնո՞ւմ են, թէ՞ ոչ:
Ջերմագին բարեւներս Ազատուհիին: Ամէն անգամ նրան ես յիշելիս, ուրախանում եմ որ այսպիսի անգին կեանքի ընկեր ունէք:
Ամենաջերմ սրտով,
Ձեր՝
[ստոր․՝ Մարօ Մ.]
* * *
- 6 Մարզպետ Մարկոսեանէն
Նիւ Եորք, 7 Սեպտեմբեր 1987[dlv]
Սիրելի Պէպօ,
Պէյրութէն ղրկեր էին «Արարատ»ի 5 Մայիս 1987-ի թիւը, աւելի ճիշդ՝ «Ե. Չարենցի նսեմացումը» յօդուածին կտորը: Առիթը նոր ներկայացաւ վստահելի անձի մը… փոքր եղբօրս միջոցաւ ճամբելու այս նամակը եւ օրինակ մը գրախօսուած հատորէն:
Անմիջապէս ըսեմ թէ տպաւորութիւնս այն էր թէ դուն էիր գրողը եւ ուրեմն պատճառը նաեւ քեզի ուղղուած այս երկտողը – եթէ սխալած եմ՝ ոչինչ, գոնէ քիչ մը զրուցելու առիթ կ’ըլլայ: Նախ՝ շնորհակալութիւն անդրադարձիդ համար, ոչ թէ որպէս թարգմանիչ ու հեղինակ գրքին կտորներուն եւ յառաջաբանին, այլ որպէս լուրջ ընթերցող Չարենցը պաշտպանելուդ: Այդ գրախօսականը լոյս տեսաւ անգլերէնով, ամերիկեան ինչպէս նաեւ տեղւոյս անգլիատառ հայ թերթերուն մէջ:
Փորձուեցայ պատասխանել – սեւագրութիւնը մօտս է – բայց հրատարակութեան չտուի նկատի առնելով Պալեոզեանի[dlvi] հիւանդագին մաղձն ու ախտը մամուլը ինքնիրմով զբաղեցնելու եւ չուզելով մարտիրոս մը ստեղծել վաւերական լուրջ սրիկայէ մը:[dlvii] Որովհետեւ մտաւորական վեհանձնութիւնը նման թիփերուն համար չէ եղած եւ պէտք չէ խնայուին, բայց թերեւս լաւագոյն հակադարձը զինք անտեսելն էր: Սոփեստ ու ամբարտաւան իր կեցուածքը կու գան պարզապէս անհատական տկարութեան, անկարութեան գիտակցութենէն ու այդպիսի հրապարակային կեցուածքը կը գործածուի վարշամակելու այդ բնածին, կամ, բնատուր վախկոտութիւնը: Ասկէ քանի մը տարի առաջ գրախօսած էր Թորգոմ սրբազանի[dlviii] բանաստեղծութեան մեր հրատարակած անգլերէն ժողովածուն եւ հոն յայտնած էր այն կարծիքը թէ Էջմիածինը պարզապէս կը պահուի համայնավարներու կողմէ որպէս փրոփականտայի միջոց: Երբ մէկը Էջմիածինը այդ գիծերով կը ներկայացնէր, պէտք չէ զարմանալ Չարենցի հանդէպ իր գործած սրբապղծութեան: Յայտնի չէր թէ պէտք է պժգա՞լ, թէ՞ կարեկցիլ այս զառանցող հտպիտին:
Հատորի[ն] ընթերցումը, կամ եթէ առիթ ունենաս աչքէ անց[ը]նելու, պիտի հաստատէ կամ, պիտի նկատես թէ այդ յիմարին նպատակը գրախօսել չէր, այլ զրպարտել Չարենցը ու փոխել իր մտքի թիրախը՝ «Բագին»ի էջերով որոշ վարկ զգեցած: Ճշմարտութիւնը զինք չէ հետաքրքրած:
Չերկարեմ: Բարեւներ տոքթ. Գազանճեանին[dlix] ու յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ՝ քեզի:
Սիրով՝
Մարզպետ[dlx]
- Margossian
5500 Fieldston Rd, # 888,
Bronx, N. Y., 10471,
- S. A.
Յ.Գ.– 1) Կը ներփակեմ նաեւ պատճէնը այն նամակին որ ճամբեցի Պօղոս Սնապեանին, այս ուղղութեամբ։[dlxi]
2) Այս նամակը հրատարակութեան համար չէ, այլ ուզեր էի քեզ տեղեակ պահել տպաւորութիւններս:
3) Կը ներփակեմ նաեւ Չարենցի բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյէն օրինակ մը:
* * *
- Ժ.[dlxii] Մարտիրոսեանէն
Ֆրեզնօ-Գալիֆ[որնիա], 19 Դեկտեմբեր 1972[dlxiii]
Զտարիւն հայրենասէր եւ տաղանդաւոր երիտասարդ գրագէտ Պէպօ Սիմոնեանին՝ իմ սրտագին շնորհաւորութիւնները Ամանորի առթիւ: Կը մաղթեմ առողջութիւն եւ նորանոր նուաճումներով բեղմնաւոր ստեղծագործութիւններ՝ գալիք երկար տարիներու համար:
Ընկերական ջերմ սիրով ու յարգանքներով՝
[ստոր.՝ Ժ. Մարտիրոսեան]
* * *
- Արա Միրիճեանէն
ՍԲ․ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ
St. Illuminator’s Armenian Cathedral
221 East 27th street, NEW YORK 16, N. Y.
Tel.: Murrey Hill 6-9373
Rector
Very Rev. Krikor Pidedjian
Նիւ Եորք, 4 Մարտ 1963[dlxiv]
Սիրելի Պէպօ,
Ես Սամիին[dlxv] գրած նամակիս մէջ բացատրած եմ թէ ինչո՛ւ ուշացուցի նամակս:
Երկար ճամբորդութիւն մը ընելով հասանք Նիւ Եորք: Նախ Ֆրանսայի վրայով իջանք Պրիւքսել, այդտեղէն քարթ մը ղրկեցի Ձեզի, չեմ գիտեր ստացաք կամ ոչ: Մեր օդանաւը Պրիւքսելէն ճամբայ ելլելով քանի մի ժամ շարունակեց իր ճամբորդութիւնը էջք կատարելու համար Իրլանտայի քաղաքներէն մէկուն մէջ (Անգլիոյ արեւմուտքը): Կէս գիշերի ժամը 2-ն էր երբ մեր օդանաւը պատրաստուեցաւ ճամբայ ելլել կտրելու համար Ատլանտեան ովկիանոսը: 11 ժամ թռիչք կատարելէ ետք Ատլանտեանի վերեւ, էջք կատարեցինք Գանատա, ու այդտէղէն ալ 4 ժամ թռչելով հասանք Նիւ Եորք: Պիտի ուզէի որ բոլոր անցած տեղերէս քարթ մը ղրկեմ Ձեզի, բայց դժբախտաբար օդանաւին մէջ հիւանդ էի, նոյնիսկ Պրիւքսելէն ղրկած քարթս հիւանդ վիճակով գրեցի, եւ երբ Նիւ Եորք հասայ, յաջորդ օրն իսկ փոխադրուեցայ հիւանդանոց որովհետեւ շատ ծանր տեսակէն «կրիփ» եղած էի: Այս մասին չգրեցի ծնողքիս որպէսզի չմտահոգուին: Այս իրարանցումին մէջ կորսնցուցի Մանուշակեաններէն նուէր ստացած այն գիրքը, որուն մէջ դրած էի բարեկամներուս հասցէները եւ որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ քու հասցէդ: Այս պատճառներով է որ մինչեւ հիմա նամակ չկրցայ գրել: Միայն մէկ միջոց ունէի: Սամի Կարոյին հասցէն գիտէի յիշողութեամբ եւ գիտէի որ Սամիին միջոցաւ կրնաս նամակս ստանալ, եւ որպէսզի վստահ ըլլամ թէ այս նամակս պիտի հասնի ձեր ձեռքը, մասնաւոր Post office գացի եւ recommendé[dlxvi] ըրի նամակը, որով երբ ստանաս, անմիջապէս գրէ՛ որ վստահ ըլլամ թէ ստացած ես:
Այստեղ շատ լաւ պաշտօն ունիմ, Նիւ Եորքի Մայր եկեղեցւոյ վարիչ քարտուղարն եմ, շաբաթական կը ստանամ 60 տոլար ինչ որ լիբանանեան դրամի հաշուով շուրջ 800 լ. ո. ամսական կ’ընէ: Թէեւ այս գումարը բաւական խոշոր է, սակայն մենք հոս 1 տոլարը այդտեղի 8 ոսկիին[dlxvii] պէս կը ծախսենք:
Տպաւորութիւններուս եւ զգացումներուս մասին կը խոստանամ գրել, բայց նախ կ’ակնկալեմ անկեղծ նամակ մը քեզմէ:
Ժիրայրին[dlxviii] հասցէն մի՛ մոռնար ղրկելու: Մասնաւոր բարեւներ մայրիկիդ, քրոջդ, եղբօրդ, մօրաքոյրիդ եւ բոլոր հարցնող բարեկամներուն:
Անկեղծութեամբ՝
[ստոր․՝ Արա]
Հասցէս.- Mr. Ara Miridjian
c/o St. Illuminator’s Armenian Cathedral
221 East 27th Street
New York 16, N. Y.
* * *
Նիւ Եորք, 8 Ապրիլ 1963[dlxix]
Սիրելի Պէպօ,
Կը յուսամ լաւ ես: Նորունիին միջոցաւ անգլերէն ձեռագիրներուս մէկ բաքէթը[dlxx] յանձնուած էր քեզի, կը խնդրեմ որ այդ բաքէթը յանձնես Սամի Կարոյին: Բարեւներ հարցնողներուն:
[ստոր․՝ Արա Միրիճեան]
Յ.Գ.– Քանի մը թուղթեր ունիս որոնք խոստացած էի ղրկել: Ատոնք կը ստանաս Սամի Կարոյին միջոցաւ քանի մը օրէն:
Նոյն
* * *
Նիւ Եորք, 10 Ապրիլ 1963[dlxxi]
Սիրելի Պէպօ,
Զատկուայ առիթով կը շնորհաւորեմ քեզ եւ կը փոխանցեմ լաւագոյն մաղթանքներս: Այս առթիւ կը մաղթեմ որ իրագործես քու ապագայի ծրագիրներդ: Ստացայ նամակդ եւ պարունակութենէն շատ զոհ մնացի: Բարեւներ եւ լաւագոյն մաղթանքներ ընտանեկան պարագաներուդ:
Բարեկամական զգացումներով՝
[ստոր․՝ Արա Միրիճեան]
* * *
- Լեւոն Միրիջանեանէն
[Երեւան,] 31 Դեկտեմբեր 1972[dlxxii]
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ:
Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան ջան,
Մաղթում եմ քեզ բախտաւոր անձնական եւ գրական կեանք:
Եւ թող լինի այնպէս, որ բարեկամները հաղորդակցուեն ոչ միայն ամանորեան, այլեւ սովորական օրերի…
Լեւոն Միրիջանեան[dlxxiii]
* * *
- Նուշիկ Մկրտչեանէն
Երեւան, 4 Փետրուար [19]75[dlxxiv]
Արեւավառ Մայր Հայաստանից ջերմագին ողջոյն եմ յղում Ձեզ՝ անծանօթ, սակայն հոգեհարազատ այն մարդուն, որն իր տքնանքով հայ է մեծացնում մեր տարագիր զաւակներին:
Պէյրութի հայոց վարժարանի յոյժ յարգելի տնօրէն, առիթն այսօր ներկայացաւ, եւ ես չէի կարող Ձեզ չգրել, չառաջարկել մեր բարեկամութիւնը, մեր սաների բարեկամութիւնը:
Առաջիկայում Ձեզ մօտ կլինի մեր ուսուցչուհին, կզրուցէք անշուշտ Մայր Հայաստանի մասին, օճախի կարօտն աւելի քան կզգաք, կիմանաք մեր լաւ, լա՛ւ բալիկների՝ մեր սաների մասին եւ, անշուշտ, կուզենաք աւելի մօտիկից ծանօթանալ, լսել մեր մանուկների երգի կարկաչը: Իսկ մենք՝ հայորդիներս սրտաբաց Ձեզ ձեր լաւագոյն սաներին հետ կընդունենք մեր հիւընկալ յարկի տակ:
Մենք այնքա՜ն լաւ ու հայրենանուէր գործ ենք անում. Դուք այդտեղ, մենք՝ այստեղ, մանկավարժներս սերունդ ենք պահում, կրթում, դաստիարակում:
Մեր երեխաները որոշել են այնքան լաւ սովորել, այնքան լաւ գործեր կատարել, որ արժանի լինեն կարմիր վզկապին, կոմերիտական[dlxxv] տոմսին:
Մեր դպրոցն ունի 32 դասարան, պարապում ենք մէկ հերթում, 1120 աշակերտ ունենք: Դպրոցը մեծ է եւ յարմարաւէտ: Այս տարի կաւարտենք դպրոցի շրջակայքի ծառապատման եւ կանաչապատման աշխատանքները: Մենք դպրոցում լաւ երգողներ ունենք՝ սոխակներ, պարողներ ունենք եւ փոքրիկ բանաստեղծներ:
Մեր դպրոցում 63 մանկավարժ է աշխատում, որոնց մէջ եւ կան հայրենադարձներ:
Գրեցէ՛ք մեզ, խնդրեմ, Ձեր լաւագոյն գործերի մասին, Ձեր սաների ու դպրոցի մասին:
Մենք կգրենք, մինչեւ կհանդիպենք մեր հայրենի հողում, քաղաքամայր Երեւանում:
Ջերմագին բարեւներ Ձեր վարժարանի մանկավարժներին եւ սաներին:
Սպասումներով,
յաւերժ Ձեր բարեկամ՝
Nº 141 դպրոցի դիրեկտոր՝
Մկրտչեան[dlxxvi]
* * *
- Գաբրիէլ Մոլոյեանէն
Լոս Անճելըս, 1 Ապրիլ 1977[dlxxvii]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ,
Երրորդ նամակն է որ կը գրեմ քեզի: Առաջինը Հոկտեմբերին ղրկած էի, ետ ինծի եկաւ՝ «Յունաստանի ճամբան փակ է» ըսելով: Նոյն նամակը դարձեալ վերադարձուեցաւ դրոշմաթուղթի սխալ սակ փակցուած ըլլալուն: Նամակ մըն ալ առանձին ղրկած եմ «Արարատ»ի հասցէով: Երբ շատ սիրելի ընկերոջ մը նամակ կը գրես ու փոստը ետ կը դարձնէ՝ երկրորդ եւ երրորդ անգամ նոյն նամակը վերստին կը ղրկես եւ ուրիշ մըն ալ տարբեր հասցէով ղրկես՝ բնական է որ պատասխանի կը սպասես…: Բայց զարմանքս մեծ եղաւ երբ իմացայ որ այս բոլորէն լուր չունիս եւ զիս կ’այպանես որ քեզ մոռցած եմ…: Անկեղծ ըսելով, ծնողքէս ստացած նամակին պատճառած ուրախութեան չափ ալ ցաւ զգացի որ դուն, իմ ամենասիրելի ընկերներէն մին, նամակներս չես ստացած: Եթէ այս նամակս ալ ձեռքդ չի հասնի, այդ ժամանակ «ճայթիմ պիտի»…:
Պէպօ ջան, գիտեմ որ զգացումներուս անկեղծութեան կասկած չունիս եւ ահա ամէն ինչ ձգած, պահ մը եւս քեզի կը յատկացնեմ վերստին նամակ գրելով քեզի: Թէեւ՝ այս երրորդն է, բայց՝ մեծ սիրով:
Մանուէլին[dlxxviii] նամակ մը գրած էի երբ Հայաստան էր, բայց չի բարեհաճեցաւ պատասխանել: Կ’երեւի ծուլացեր է, չեմ ներեր: Պատասխան կը սպասեմ իրմէ եւ քանի մի ուրիշներէ:
Ժիրայր Նայիրին գրած էր որ պայուսակս առնեմ եւ գամ: Հազիւ պայուսակս պիտի բանայի հագուստներս տեղաւորելու, իսկոյն՝ Քամալ Ճումպլաթի[dlxxix] սպանութեան լուրն առինք: Եթէ դուն տեղս ըլլայիր՝ ի՞նչ կ’ընէիր…:
Շատ ուրախ եմ որ եղբայրաբար յաճախ քրոջս կ’այցելես եւ պէտք եղած խապրիկները կը հաղորդես: Ինքն ալ մեզի կը փոխանցէ քու թելադրանքներդ եւ բարի կամեցողութեան ազնիւ զգացումներդ: Շնորհակալութիւն այդ բոլորի համար: Գիտէի որ լաւ ընկեր մըն ես, բայց այսքան ուշադիր եւ լաւ պաշտպան ըլլալդ կ’ապացուցանեն նկարագրիդ մէջ թաքնուած այլ արժանիքներ եւս, որոնց համար մէկ բառ՝ զգացուած եմ:
Գալով ինծի, Պէյրութէն ընկեր մը գրած էր «հերիք թափառիս Ամերիկայի լուսաւոր պողոտաներուն վրայ…» Թերեւս այդ արտայայտութիւնը մասամբ ճիշդ ըլլայ: Բայց՝ առանց երդիքի, առանց հոգեկան հանդարտութեան, «լուսաւոր» եւ խճողուած ճամբաները կը դառնան «օտար, ամայի»…:
Ես ու քոյրս կը բնակինք ազգականներու հանգստաւէտ տան մէջ: Շուշանիկը իր ժամանակը կ’անց[ը]նէ մեր հիւրընկալներու գորգի վաճառատան մէջ եւ մեր ազգականուհիին հաշիւներուն կ’օգնէ: Կը մերժէ դրամ ստանալ քանի որ երկու հոգիով հիւր ենք իրենց տան մէջ: Իսկ ես Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ բացակայող ուսուցիչի փոխարէն դաս կ’աւանդեմ կամ կը հսկեմ: Տնօրէնն է Օննիկ Քեշիշեան, Օշինին[dlxxx] եւ երգչուհի Անգինէին եղբայրը: Վերջերս դպրոցին գրադարանը այրեցաւ եւ առաստաղը փուլ եկաւ: Աշակերտները բակին մէջ եւ դասարանին մէջ անգլերէն կը խօսին: Կարգապահութիւն, յարգանք մի՛ փնտռէր: Հոս ամէն ինչ ազատ է եւ այս երեւոյթը շատ գէշ անդրադարձ կ’ունենայ մեզի պէս պահպանողական, աւանդապահ եւ զգայուն ուսուցիչներուն համար…:
Տարեսկզբին այցելեցի Գաբրիէլ Ինճեճիքեանին[dlxxxi] (Ֆերահեան Վրժ.) եւ Յակոբ Յակոբեանին (Ալեքս Փիլիպպոս Վրժ.): Կացութիւնը նոյնն է ամէն տեղ: Շատ դժուար է յաղթահարել սպիտակ ջարդը:
Կիւրեղ Մանկրեանին հետ շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ առնուազն կը տեսնուինք: Շատ յաճախ սեղանակից կ’ըլլանք եւ այցելութիւններ կու տանք: Ինք Փասատենայի եկեղեցիին մէջ դպրապետութիւն կ’ընէ եւ Ֆերահեանի մէջ երգի դաս կու տայ շաբաթը երկու պահ: Ունի նաեւ դաշնակի դաս առնող քանի մը աշակերտներ:
Յարութիւն Երէցեանն[dlxxxii] ալ քանի մը օրէն լոյս կ’ընծայէ ամերիկահայերու առաջին կենցաղային ամսաթերթը «Ապրիլ» անունով: Ես ալ քիչ մը օգտակար եղայ իրեն: Բայց իր գլխաւոր օգնականը իր եղբայրն է՝ Նուպարը,[dlxxxiii] որպէս նախկին խմբագիր «Նոր Կեանք»ի…:[dlxxxiv] Արդէն իր տրամադրութեան ներքեւ ունի 2500 հասցէ, բաւական լաւատես է: Այսօր իր քով այցի գացեր էի Կարապետ Կիւրեղեանին հետ: Դարձեալ յիշեցինք [«]Նոր Սերունդ[»]ն ու «Արտաւազդ» թատերախումբը…:[dlxxxv] Իրապէս յիշատակելի օրեր էին…:
Դժբախտաբար հոս մասնաճիւղ չկայ: Մինչեւ հիմա մէկ անձի հանդիպեցայ «Հնչակեան եմ» ըսող. ատիկա Արշակ Գալայճեանն էր: Ուրիշ մարդու չեմ հանդիպած: Տիկին Շահէնն[dlxxxvi] ալ անդամալոյծ է եւ ամիսներէ ի վեր հիւանդանոց-ծերանոցի մը մէջն է: Քանի մը անգամ այցելեցի իրեն: Իրմէ կը ստանամ «Ջահակիր»ը, «Շարժում»ը եւ ուրիշ թերթեր:
Ցաւով իմացայ որ Լեւոն Մկրտիչեանը 200.000 տոլար կտակած է Հ. Բ. Ը. Մ.ին եւ այս՝ այնպիսի մէկ ժամանակին, երբ իր անունը կրող դպրոցը մեծ կարիքներու մէջ է: Պէտք է իմանալ կտակին մանրամասնութիւնը, արդեօք «Սահակեան»ին տարեկան տոկոսի յատկացում կա՞յ…:
Գարեգին Արք.ի[dlxxxvii] նախագահութեամբ լիբանանահայութեան ի նպաստ կատարուող հանգանակութիւնը շատ յաջող ընթացքի մէջ է: Ջանացէ՛ք մեր վարժարաններուն համար ալ բաժին ապահովել:
Կը փակեմ նամակս իմ եւ Շուշանիկի կողմէ ընկերական ջերմ բարեւներս ղրկելով քեզի, Ազատուհիին եւ եղբօրդ: Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեր Զատիկը՝ մաղթելով առողջութիւն, ինչպէս նաեւ անձնական, կրթական եւ ընկերային գործերուդ՝ յաջողութիւն:
Ընկերական սիրով՝
[ստոր․՝ Գաբրիէլ]
Յ.Գ.– Նամակս զուտ անձնական ըլլալով՝ պիտի խնդրէի որ բովանդակութիւնը քեզի վերապահէիր:
[ստոր․՝ Գ․]
* * *
Մոնթէպելլօ, 11 Դեկտ[եմբեր] 1980[dlxxxviii]
Շա՛տ սիրելի Պէպոյին եւ Ազատուհիին,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը: Ձեր ընտանեկան տիպար բոյնին՝ առաւել երջանկութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ մանկավարժական եւ հասարակական ասպարէզներուն մէջ:
Սիրով՝
[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]
Յ.Գ.– Ձեր նամակները ատենին ստացած եմ: Շատ շնորհակալ եմ: Պատասխանն ուշացնելու պատճառը ընտանեկան վերջին եւ նորագոյն լուսանկարի մը սպասումն է: Ի մօտոյ այդ ալ կ’ըլլայ: Միւս կողմէ «Արեւելեան ճակատէն նորութիւն չկայ» … «Սեւ Ծովը նոյնն է միշտ»…[dlxxxix]:
[ստոր.՝ ԳՄ.]
Because
you are so very nice
Each day
the whole year through
I hope that
Christmas Day will be
Especially nice for you
MERRY CHRISTMAS
* * *
Մոնթէպելլօ, Մարտ 1981[dxc]
Սիրելիդ իմ Պէպօ,
Գիտեմ որ անհամբեր կը սպասես նամակիս…: Միշտ յիշողութեանս մէջ ես…: Մեր ընտանիքի խմբանկարն է յանցաւորը… «չի ստացուեց՝ էլի՛…»: Ներողամիտ եղիր ուշացումին համար:
Ազատուհիին հեռաձայնելը՝ չի նախատեսուած մեծ անակնկալ մըն էր: Բաւական երկար ալ խօսեցանք, միայն… գաւաթ մը սուրճը կը պակսէր կարծես: Շուշանիկն ալ շատ մեծ բաւարարութիւն զգաց «5 էջնոց» նամակէն: Ես ալ կարդացի, բազմապիսի լուրերը հետաքրքրական էին:
Անցեալ Կիրակի էր, Շուշանիկենց տունը ճաշի հրաւիրուած էինք բոլորս (Նուպարին քրոջ՝ Վիեննայէն արձակուրդով հոս գտնուելուն առիթով): Նստասենեակ փոխադրուելով հեռատեսիլէն հայկական ժամը դիտելով սուրճ կը խմէինք, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը լարուած ուշադրութեամբ կը դիտէինք, յանկարծ՝ «Պէպօն է, մեր Պէպօն» պոռացինք միաբերան…: Ուրեմն Ազատուհիին ձայնը եւ Պէպոյին շարժուն նկարը միեւնոյն ամսուան մէջ…: Ի՜նչ հաճելի զուգադիպութիւն…:
Կը յուսանք ձեզ անձնապէս տեսնել մեր յարկերուն ներքեւ յառաջիկայ ամառը: Իսկապէս լաւ ծրագիր է: Չի մոռնամ ըսելու որ Ազատուհիին Ա. Մ. Ն. այցելութեան լուրը «Մասիս»ի առաջին էջին վրայ զետեղեցի, թէեւ այլ տեղ կը ծրագրուէր…:
Ձեր շրջապտոյտները իսկապէս շահեկան են եւ կազդուրիչ միաժամանակ: Բայց նիւթական գետնի վրայ բան մը մի՛ յուսաք: Դասախօսութիւն կարելի է տալ որեւէ ատեն: Բայց՝ առանց ակնկալութեան…: Մենք սիրով կրնանք հիւրընկալել Ձեզ մեր համեստ տան մէջ: Կը ջանամ օգտակար հանդիսանալ բարոյապէս: Այդ կապակցութեամբ ինքզինքս բացատրելու պէտք չունիմ կարծեմ…:
Գալով մեր շրջանակին՝ ես իրենցմէ շատ վշտացած էի, Ուստըրի ժողովին ներկաները ճնշում բանեցուցին առ որ անկ է, որպէսզի «սրբագրութիւններ» կատարուին: Ես շատ խորունկ սրտաբեկում ունենալով՝ յօժարեցայ միայն «Մասիս»ի խմբագրութեան մաս կազմել եւ երրեակ խորհուրդին անդամ եղանք (տոքթ. Յրթ. Սաղըրեանի եւ Գրիգոր Խոտանեանի հետ, որոնք աշխատանքներուն առիւծի բաժինը վերցուցած են): Ես ստանձնած եմ էջ մը եւ վերջին սրբագրութիւնը: Թէեւ թերթի[ն] լոյս ընծայումը, մեր պայմաններուն նայելով, վաղահաս ծնունդի կը նմանէր, բայց կատարուած իրողութեան առջեւ, ես եւ Գօգօն նախընտրեցինք դրական աջակցութիւնը, քան մեկուսանալը: Այս վերջինի պարագային՝ կրնար ուրիշներուն հացին իւղ քսուիլ…: Բաւական դժուար էր եղածներուն վրայ… վարագոյր քաշելը, յանուն գաղափարի եւ այլ բարի նպատակներու…: Ես ու Գրիգորը ձեռք-ձեռքի տուած շրջապատած ենք տոքթորը, որ արդէն «ընկեր» է…: Լիբանանահայերդ մի՛ կարծէք որ տոքթ. ընկեր ունենալը միայն ձե՜ր մենաշնորհն է… (կատակ)[dxci] Մե՜նք ալ ունինք…:
Գալով ինծի՝ գիտցածիդ պէս կ’աշխատիմ նոյն տեղը: Երեքշաբթի օրերը Փասատինա կ’երթամ թերթի[ն] վերջին սրբագրութիւնը կատարելու եւ որոշ նիւթեր տալու տպագրութեան համար: Յետոյ՝ խմբագրական կազմի ժողովին կը մասնակցիմ նոյն օրը:
Անցեալ ամառ Ուստըր գացի ժողովի եւ այս առիթով այցելեցի Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա եւ Ուաշինկթըն: Եղայ Սպիտակ Տուն, Գոնկրէս, Աբրահամ Լինքըլնի յուշակոթողն այցելեցի եւ նախագահ Քենետիի[dxcii] ու իր եղբօր[dxciii] դամբարանները, Ուոթըրկէյթ եւն․:
«Ուրախ լուր»երու կապակցութեամբ ականջիդ բաներ մը կ’ուզէի փսփսալ, սակայն տակաւին կը վարանիմ, քանզի կանխահաս է եւ «խակ»…: Ասիկա իմ, քու եւ Ազատուհիին միջեւ թող մնայ առ այժմ…: Շրջանէ մը ի վեր ուսումնասիրութեան մէջ եմ…:
Խմբագիր ընկերներս ինծի յանձնեցին «Ծուէն Ծուէն Երիզներ»դ…: Իսկապէս հաճելի անակնկալ էր: Եթէ գրելու շնորհք ունենայի՝ սիրով պիտի ուզէի գրախօսել: Կարծես այդ նպատակով ալ գիրքը Մոնթէպելլօ եկած է…: Պիտի փորձեմ բան մը գրել ի մօտոյ:
Ասիկա «Հեքիաթ Հայաստանի Մասին»էն աւելի սիրեցի: Պրա՛ւօ:
Միայն թէ՝ գիրքին նկարները ծուռ են…: Եթէ Պէյրութ ըլլայի, «այս ուրախ առիթը» կ’օգտագործէինք:
Ուշադրութեամբ կը հետեւիմ յօդուածներուդ: Կը շնորհաւորեմ նոր տիտղոսդ Վահրիճի եւ Մանուէլի (?) կողքին:
Հայաստան երթալուդ շատ ուրախացայ: Արժանի էիր: Բայց՝ ոչ բոլորը…: Կը պատահի, հոգ չէ:
Շատ գէշ տպաւորուեցանք Կ. Հաննէսեանի «Մասիս»ի մասին գրած ակնարկութենէն: Ես եւ Գրիգորը այդ թիւը դիտմամբ պահեցինք ու այլոց ցոյց չի տուինք: Այդ ի՜նչ ծաղրական արտայայտութիւն…: Շատ ջղայնացանք: «Արարատ»ի խմբագրականն ալ ուշացաւ, բայց «նուշ» էր…:
Ընկերական ջերմ եւ սիրալիր բարեւներ իմ եւ Շուշանիկին կողմէ քեզի եւ Ազատուհիի[ն]:
Ծնողքս, Անին եւ Նուպարն ալ կը բարեւեն:
Բարեւներ նաեւ զիս հարցնողներուն:
[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]
* * *
Մոնթէպելլօ, 28 Օգոստոս 1981[dxciv]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Շատ կը ներէք որ անփոյթ դարձայ, բայց ոչ մոռացկոտ: Մեղքս քաւելու համար երկու նամակ միատեղ կը ղրկեմ ահա՛: Մարտին գրուածը հոս մնաց Պէյրութի օդակայանի[ն] փակ մնալուն պատճառով:
Ինչպէս գիտես, նշանուեցայ հանգուցեալ Յակոբ Պուճիգանեանի (փողկապագործ) աներձագին՝[dxcv] Սամուէլ Յովակիմեանի աղջկան հետ: Անունը Մարիա է: Հայաստան ծնած է, բայց ութը տարիէ հոս է: Կ’աշխատի Հոլիվուտի «Բրէսպիթէրիան» հիւանդանոցին մէջ որպէս բժշկական արխիւներու քարտուղարուհի: Լուրջ ընտանիքի զաւակ է: «Շատ բարակ»ին չի նայելով… այս մէկը բաւական առաւելութիւններով օժտուած ըլլալով որոշեցի «Ամուրիներու Միութեան» հրաժարականս տալ…:
Տիրանին[dxcvi] ներկայութիւնը շատ հաճելի եղաւ եւ թարմացուց մեզ: Քեզ քանիցս միատեղ յիշեցինք: Կը յուսամ գալ տարի իրենց պէս դուք ալ տէր եւ տիկին կ’այցելէք մեր կողմերը, լաւ կ’ըլլայ:
Վերջերս Վարդան Եաղսըզեանը[dxcvii] հոս եկած էր, հեռաձայնով կրցայ կապուիլ հետը: Յակոբ Նորունիին կինն[dxcviii] ալ վերամուսնացած է ամերիկացիի մը հետ եւ ինքզինք շատ բախտաւոր կը զգայ մէկուկէս տարիէ ի վեր…:
Նշանուելուս առիթով «Արարատ»ի մէջ եղած խնդակցութեան համար շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ: Մարիան եւ ես սրտանց կ’ողջունենք ձեզ եւ ձեզի կը փոխանցենք մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:
Գործադիր Մարմնի կազմը ընդլայնելով զիս եւ տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեանն ալ ներս առին: Այս օրերուն մեր մեծ «իմաստասէր եւ գիտնական» Անթուան Քետէրեանը Պէյրութ կը գտնուի, հաւանաբար որոշ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ շրջանիս մասին:
«Մասիս»էն ես ալ դժգոհ եմ. «փնտռուած» չէ եւ կանխահաս եղաւ…: Ի՜նչ ընենք, ստիպուած պիտի կրենք…:
Ընկերական ամենաջերմ բարեւներ Պէպոյին, Ազատուհիին եւ մեր բոլոր լաւ ընկերներուն իմ եւ Մարիային կողմէ:
Ձեզ միշտ յիշող՝
[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]
* * *
Մոնթէպելլօ, 19 Հոկ[տեմբեր] 1981[dxcix]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Հէնց այսօր ստացայ յետամուսնութեան առաջին ընկերական նամակը, որ կու գայ շատ սրտակից հարազատէ մը:
Ուրախ ենք որ ձեր ամառնային արձակուրդը Պուլկարիա անցուցած էք:
Մենք ալ շատ ճոխ հարսանիք մը ունեցանք: Ճաշկերոյթ-պարահանդէսի ձեւ առաւ, ներկայ 350 հոգիներուն մօտ նշմարելի էին երանութեան եւ անխառն երջանկութեան պահերը: Տոքթ. Սաղըրեանը (օրուան թամատան) երբ ձեր հեռագիրը կարդաց՝ երկարատեւ ծափերով ողջունուեցաւ: Եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ «Մասիս»ին:
Տասնօրեայ մեղրալուսինի վայր ընտրած էինք Խաղաղական ովկիանոսի հեռաւոր Հավայեան կղզիները, ուր շատ լաւ ժամանակ անցուցինք:
Կրկնապէս շնորհակալութիւն հեռագրին եւ նամակին համար:
Ջերմ բարեւներով՝
Գաբրիէլ եւ Մարիա
Mr. & Mrs. Gabriel and Maria Moloyan
* * *
Նորթ Հոլիվուտ, 6 Օգոստոս 1991[dc]
Սիրելի Պէպօ,
Մրցանիշ կոտրող լռութիւն մը կը պահես: Չեմ գիտէր թէ ինչո՞վ բացատրեմ…: Տարիներու եւ տարածութիւններու ու տեսադաշտերու հեռաւորութիւնները պէ՞տք է ազդեն…: Չեմ կարծեր որ համաձայն ըլլաս այդ մտածումին…:
Պատճառները մեծ մասամբ հասկնալի են: Իսկ ըսի-ըսաւներուն ես չեմ հաւատար թէ՝ «Պէպօն բոլորէդ ալ վշտացած է»…:
Շողիկ Մանկրեանը ծրագրուածէն շատ առաջ Պէյրութ մեկնեցաւ, չկրցանք երկտող մը ղրկել հետը: Բայց դուն կրնաս: Ինք մինչեւ Օգոստոսի վերջը հոն պիտի մնայ: Իրմէ կը ստանաս մեր ներքին բոլոր լուրերը…:
Շուշանիկն ալ «մետասաներորդ պահուն» իմանալով որ մեկնող մը կայ, իսկոյն երկու հատ չէք ղրկելով, հօրս հետ փութացուց Մարիային գործատեղին: Մէկը՝ դպրոցինն է, իսկ միւսը՝ Տիգրանիկին եւ Ռազմիկին:
Մենք բոլորս հանգիստ ենք: Ես կ’աշխատիմ հրէական հիւանդանոցի մը մէջ որպէս համակարգիչ (coordinator): Շատ գոհ եմ իմ գործէս: Ցարդ եղածներուն մէջ՝ լաւագոյնն է: Եւրոպա տարեկան արձակուրդի պիտի երթայինք, յետաձգեցինք յառաջիկայ տարուան (Գրիգորին դեռ շատ փոքր ըլլալուն պատճառով): Փոխարէնը՝ ես, Մարիան, Գրիգորը, ծնողքս եւ քոյրերս միասնաբար հնգօրեայ պտոյտ մը ունեցանք դէպի հիւսիսային Գալիֆորնիա (Եոսամեթիի անտառները եւ Լեյք Թահօ քաղաքը): Դիլիջանը յիշեցնող ալպեան ծառերով զբօսաշրջային գեղեցիկ վայրեր էին, որով մեծ բաւարարութիւն ստացանք: Ասիկա ձեւով մը եղաւ մեր այս տարուան տարեկան հիմնական արձակուրդը:
Դուք ինչպէ՞ս էք: Շատ կարօտցանք: Ձեր մէկ խմբանկարը հաճեցէ՛ք ղրկել եւ Ձեր լուրերը հասցուցէ՛ք մեզի:
Խաղաղութիւնը մօտալուտ եւ հիմնական կը թուի ըլլալ: Մաղթենք որ այդպէս ալ ըլլայ:
Քաղաքական բնոյթի յօդուածդ կարդացի: Շատ յաջող եւ զուսպ գրութիւն մըն էր: Նոր ժանր մըն է ազգային-քաղաքականը… Շարունակէ՛:
Այստեղ կը վերջացնեմ նամակս, մաղթելով քեզի ոյժ, կարողութիւն ուսումնական տարեշրջանի սեմին: Նորանոր յաջողութիւններ թէ՛ դպրոցիդ, թէ՛ Ձեր ընտանեկան կեանքին:
Ընդունէ՛ իմ եւ Մարիայի կարօտալի ջերմ բարեւները քեզի, Ազատուհիին, Տիգրանին, Ռազմիկին եւ բոլոր հարցնողաց:
Ընկերական ջերմ սիրով՝
[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]
Մեր հասցէն.
Mr. & Mrs. Gabriel Moloyan
5636 Vantage
North Hollywood, CA 91607
* * *
Լոս Անճելըս, 10 Յունուար 1994[dci]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Ամանորեան «բացիկ»ը ղրկելէս ետք՝ Ձեզի կը ղրկեմ այս թղթիկը որպէս «նամակիկ»…:
Արեւմտեան շրջանի Պ. Ժ.ին[dcii] չի գացի եւ ըսի որ եթէ կարեւոր եմ «կազմին մէջ»՝ թող ի բացակայութեան ընտրուիմ: «Մեր կողմ»ինները… բոլորն ալ՝ ինծի քուէ տուած են եղեր, բայց ի զուր…: Խմբագրապետ Ժ.ին[dciii] զոհը եղայ դարձեալ…: Յամենայն դէպս քաղաքավարական որոշ կապերս կը պահեմ, երեւութապէս բոլորին հետ լաւ եմ…:
Լսեցի որ գործողութեան մը ենթարկուեր ես․ անցած ըլլայ: Կը յուսամ որ արդիւնքը դրական է: Դուք Ձեզի հոգ տարէք: Նախ Դուք, ապա՝ այլք…:
Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ վայելեցինք հոգեպարար արարողութիւններ: Ձեր Կաթողիկոսի[ն][dciv] քարոզը «միջակ էր», հռետորանման…, լաւ պատրաստուած չէր եկած…: Աւելին կը սպասէինք իրմէ:
Գալով «Սահակեան»ի Օժանդակ Մարմնին՝ շատ տկար ձեռքերու մէջ է, վարչական կարողութիւնը կը պակսի առհասարակ: Կը ցաւիմ ըսելու որ նախորդ տարիներու խանդավառութիւնը կը պակսի վերոյիշեալ պատճառով…: Մաղթենք որ Դուք դարձեալ գաք եւ աւելի լաւ հիմերու վրայ դնէք: Կարօտցանք Ձեզի:
Գալով մեզի՝ ընտանեօք լաւ ենք: Մեր ձմեռնային արձակուրդը (երկօրեայ) Լաս Վեկաս անցուցինք, «անվնաս» դուրս եկանք…:
«Սահակեան»ի տօնակատարութիւնը չեմ գիտեր թէ ինչպէս անցաւ: Դուք միշտ լաւը կը կազմակերպէք:
Կը ներէք անճոռնի գիրիս համար․ տասնմէկ ժամ աշխատելէ ետք, հապճեպ կը գրեմ եւ կ’աճապարեմ տուն հասնիլ եւ ապա Կիւրեղենց[dcv] երթալ՝ Ձեր զարմիկը տեսնելու եւ այս գրութիւնը Ձեզի փոխանցելու համար:
Դարձեալ՝ ամանորեան ջե՜րմ մաղթանքներ մեր բոլորէն՝ Ձեր բոլորին:
Ընկերական սիրով՝
[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]
Յ.Գ.– Հաճիս, Պէպօ՛, ներփակ չէքը «Արարատ»ի գանձապահին փոխանցէ՛: Շնորհակալութիւն:
Նոյն
* * *
Լոս Անճելըս, 4 Մայիս 1994[dcvi]
Սիրելի Պէպօ,
Նամակդ մեծ ուշացումով ստացայ, քանի որ Ոսկին Կարպիս Տէր Եղիայեանին տուած էր, ան ալ առիթը չէր ունեցած զիս տեսնելու: Վերջապէս՝ թղթատարով ղրկեց:
«Քասէթ»ը անակնկալ մըն էր: Կարծեցի որ ելոյթ կայ: Բայց մեծ հաճոյքով լսեցի այլ անձերու ձայները, յատկապէս ընկ. Ժիրայր Նայիրիին ելոյթը: Լռութիւնը որ կար իմ եւ իր միջեւ (իմա՝ իր պատճառով…) խզուեցաւ վերջապէս: Ուշ եղաւ, բայց «նուշ եղաւ»…: Կը սպասենք քու եւ իր կենդանի ձայները լսելու այս ափերու[ն] վրայ: Դժբախտաբար ի՛ր պարագային (իմ ալ) դեռ աղտոտ հաշիւներով տարուողներ կան, որոնք տակաւին ջուրեր պղտորելով կը զբաղին… եւ «անբաղձալի»ներու ցանկի վրայ ենք:
Քանի մը շաբաթէ ի վեր՝ Ժ. Ա.ն[dcvii] հրաժարած է թէ՛ «Մասիս»էն եւ թէ՛ Վ. Մ.էն:[dcviii] Կազմուեցաւ հինգ հոգինոց խմբագրական մարմին մը (տոքթ. Յ. Ս., Գ. Խ.,[dcix] Յովսէփ Նալպանտեան,[dcx] Յարութ Տէր Դաւիթեան եւ ես): Յակոբ Պէրպէրեանը կ’ուզէ միջնորդել որպէսզի իր «բարի մարդիկ»ը ետ գան (Ժան եւ Մայք Թ.)…: Աստուած ողորմի՜ մեզի…: Ի՜նչ օրերու հասանք…: Յամենայն դէպս, ես կը շարունակեմ շաբաթը անգամ մը երթալ «Մասիս»ի խմբագրատուն, որոշ չափով կ’օժանդակեմ սրբագրական աշխատանքներուն: Կը քաջալերեմ Ն. Ս. Մ. Մ.ի տղաքը, ձեռնարկներուն (որ շա՜տ քիչ են) կ’երթամ եւ այլն: Հեռո՜ւ չեմ մեր տղոցմէ, բայց՝ շատ մխրճուած ալ չեմ:
Թ. Մ. Մ.ի հրաւէրով Սիլվա Կապուտիկեանի Լոս Անճելըս այցը շատ վատ տպաւորութիւն ձգեց «Հայրենասէր Ճակատ»ին վրայ: Ինքն ալ զգաց… բայց սափորը կոտրած էր: Զինք հրաւիրողները «փուշման եղան»…:
Դուն եւ Մանուէլ Ադամեանը յօդուածներով կ’աշխուժացնէք մեր մամուլը: Գնահատելի է, այդ թափը պէտք է շարունակուի «ի փառս ազգիս հայոց եւ հնչակեան մտաւորականութեան»: Գրիչդ եւ առողջութիւնդ միշտ դալար մնան: Լսողութեանդ բարելաւման համար շատ ուրախ եմ: Իմ ընկերներուս ուրախութիւնն ու բարեկեցութիւնը զիս անկեղծօրէն կ’ուրախացնէ:
Երեք հնչակեաններ երկրաշարժէն մեծապէս տուժեցին, մէկն ալ ես էի: Բարեբախտաբար, պարտէզիս արտաքին ցանկապատն էր որ փլաւ եւ խոհանոցային ամանեղէններ: Վերաշինութիւնն աւարտեցաւ գրեթէ: Տղուս՝ Գրիգորին գրադարանը իր մահճակալին վրայ ինկաւ. բարեբախտաբար, այդ պահուն ինք հոն չէր քնանար: Կրկին փա՜ռք կու տանք որ այսքանով «պրծանք»…
Աշխարհի ֆութպոլի բաժակի մրցումներուն մէկ կարեւոր մասը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի մէջ: Կիսաաւարտական եւ աւարտական մրցումներուն տոմսերը «սպառած» են: Սեւ շուկան ողջ մնայ, եթէ հազար տոլար տաս՝ գուցէ գտնես: Քեզի պէս՝ մենք ալ հեռատեսիլով պիտի հետեւինք…:
Կիւրեղենց հետ յաճախ միասին կ’ըլլանք եւ Շողիկին հետ միշտ ձեզ կը յիշենք: Մայիսի վերջերը երկօրեայ ամերիկեան արձակուրդ մը կայ, միասին ջերմուկ պիտի երթանք՝ շաբաթավերջը հոն անց[ը]նելու: Հրամմեցէ՛ք միասին երթանք: Հաւանաբար Շուշանիկն ալ միանայ մեզի:
Ընկերական ջերմ սիրով եւ կարօտալի բարեւներով՝
[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]
Առաջին էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Յ.Գ.– Տանդ եւ Գոլէճի հեռաձայնի թիւերդ եթէ ղրկես՝ գոհ կ’ըլլամ: Մեր տան թիւն է 818-7664400:
[ստոր.՝ ԳՄ]
* * *
Լոս Անճելըս, 12 Մայիս 1998[dcxi]
Սիրելի Պէպօ,
Կը ծրագրէի ընկ. Սեդրակին[dcxii] հետ նամակ մը ղրկել բայց «չի ստացուեց», ոչ թէ ծուլութեան, այլ՝ տրամադրութեան եւ ժամանակի չգոյութեան պատճառով: Գերյոգնածութիւնը՝ բաժին ունի…:
Հ. Բ. Ը. Մ.ի Հ. Ե .Ը.ի սկաուտական խումբը՝ «Մայրերու Օր»ուան առթիւ՝ աւանդական բանակում մը կազմակերպած էր[dcxiii] դէպի «Գաթալինա» կղզի (նաւով 2 ժամ): Քանի որ ծնողներու առընթեր բարեկամներ ալ կրնային մաս կազմել՝ մենք եւս արձանագրուեցանք Կիւրեղենց առաջարկով: Իրենց աղջիկը՝ Նանորը հին անդամ է սկաուտական շարժման: Թէեւ ես ալ կ’ուզէի տղաս արձանագրել, բայց՝ խորթ աչքով կը դիտուի «մերոնց» կողմէ…:
Մարիան փափաքող է որ երթայ: Շատ հաճելի ծովափնեայ շրջանի մը մէջ՝ ամէն յարմարութիւններով օժտուած, պիոներական ճամբար մըն էր: Մեզի սահմանուած 12 հոգինոց տնակին մէջ էին նաեւ քու ազգականդ՝ Քնարիկն[dcxiv] ու իր ամուսինը Ռոպերթը: Յիշեցինք նաեւ քեզի եւ Ազատուհիին ալ:[dcxv] Ձեր ընտանիքի մասին վերջին լուրերը իրենցմէ առինք: Ուրախ եմ որ տղաքդ լաւ վիճակի մէջ են:
Կեդրոնիդ պաշտօնական լուրերը պարբերաբար կը ստանանք: Բայց ատենին պատասխան չի տրուիր, գիտեմ: Պատճառը մեր ատենապետին (Վահէ)[dcxvi] անփութութիւնն է (չըսելու համար անճարակութիւնը…): Երբեմն ինծի կը դիմէ որպէս զի օգնեմ: Ի դէպ, ըսեմ որ կարեւոր լուր մը՝ Ձեզմէ մեզի չի հասաւ պաշտօնապէս: Ատիկա Յովհ. Ճերեճեանի[dcxvii] 2 տարուան կախակայուած ըլլալու լուրն էր: Այդ պատճառով՝ քիչ մնաց «սքանտալ» պիտի ըլլար, քանի որ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուէին իր մասնակի կամ լրիւ մասնակցութեամբ: Ի վերջոյ, հաւաստի լուրերը՝ ձեւով սեղան բերուեցան եւ առաջքն առնուեցաւ «անհաճոյ»ին եւ «ապօրինի»ին: Ես իսկապէս շատ անյարմար դրութեան մը մատնուած էի քանի որ կացութենէն անգիտակ կամ՝ կէս-գիտակ ընկերներ իրեն հաւաստիացուցած են ըսելով «Գաբրիէլը տես, ան ամէն բան կը կազմակերպէ»: Քիչ մնաց «Քաութեան Նոխազ» պիտի ըլլայի: Յամենայն դէպս, եղածը՝ լաբիւրինթոս մըն է, որուն մէջ ինկած եմ ու կը տուայտիմ…: Աստուած վերջը բարի ընէ: Այս նիւթերը կ’ուզեմ փակել այստեղ, քանի որ իւրաքանչիւր մարզ իր խոցելի կողմն ունի, դժբախտաբար:
Ընտանեկանին գալով՝ Մարիային մայրը շաբաթ մը հիւանդանոց մնաց․ շնչարգելութենէ կը տառապէր: Նոյնպէս Նուպարը քանի մը օր հիւանդանոցն էր, ստամոքսային ուռ մը յայտնաբերուեցաւ, որուն դարմանումին մէջն է: Քրոջս աղջիկը՝ Շողիկն այս տարի կ’աւարտէ իրաւաբանութեան ճիւղը, իսկ իմ տղաս՝ Գրիգորը՝ նախակրթարանը:
Այս ամառ՝ Յունիսի վերջը՝ մօրաքրոջս տղան Ֆրանսայի ՀՄԸՄ-ի խումբին հետ Լոս Անճելըս պիտի գայ աստեղի նաւասարդական խաղերու մրցաշարքին մասնակցելու համար: 10 օր ՀՄԸՄ-ի հիւրը մնալէ ետք՝ մեզի պիտի գայ, քանի մը շաբաթով երկարաձգելով իր կեցութիւնը: Այս ուրախ առիթով՝ մօրաքրոջս ալ հրաւէր տուինք, որպէս զի միասին գան եւ մայրս իր 26 տարիներու կարօտն առնէ: Նախապէս՝ կը ծրագրէինք ներքին նահանգներ երթալ ամառնային արձակուրդի (Եէլլօսթոն եւ այլն) բայց յեղաշրջուեցաւ:
Այսօրուան համար այսքան: Կը փակեմ նամակս սրտագին ջերմ բարեւներ ղրկելով քեզի, Ազատուհիին եւ մանչերուդ:
Ընկերական սիրով՝
[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]
Յ.Գ.–
19 Մայիս 1998
Երէկ գիշեր, վերջապէս, շրջանիս Վարիչ Մարմինը որոշեց Ժիրայր Նայիրին հրաւիրել Քսաններու հանդիսութեան: Գրեթէ միաձայնութեամբ առինք այս որոշումը:[dcxviii] Կը յուսամ որ ինք ուրախ պիտի զգայ: Արդէն ստացած պէտք է ըլլայ հեռապատճէնային նամակ-հրաւէրը:
Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլ քաղաքի ամերիկեան եկեղեցիին մէջ, Յունիս 28-ին: Շատ տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, նոյն օրը՝ նոյն պահուն՝ պէտք է օդակայան ըլլամ մօրաքոյրս եւ զարմիկս դիմաւորելու համար: Կարելի չէր թուական փոխել: Կը նմանիմ այն տանտիրուհիին որ երկար ատենէ կը ծրագրէր ճաշ մը եփել, կ’եփէ, բայց ինք չ’ուտէր…:
Եղիա Նաճարեանի մասին եղածը ցաւով իմացայ: Մամուլին չի յանձնեցինք որոշ պատճառներով:
[ստոր.՝ ԳՄ.]
* * *
Լոս Անճելըս, 12 Նոյ[եմբեր] 1998[dcxix]
Սիրելի ընկեր Պէպօ եւ Ազատուհի,
Վերջապէս լռութիւնը խզուեցաւ եւ՝ շատ լա՛ւ ձեւով, քանի որ յաջորդական նամակ եւ նկար ղրկելս անպատասխան մնացած էին եւ ակամայ տարբեր վերագրումներ եւ հետեւութիւններ սկսած էի կռահել…: Բայց կրկնակի արձագանգը փարատեց ամէն ինչ:
Տիգրանը «մաշալլա» մեծցեր է: Աստուած պահէ:
Զինք տեսնելով՝ Ձեզ տեսած եղայ: Հարազատ եղբօր կամ քրոջ զաւակ մը տեսած ըլլալու անբացատրելիօրէն հրճուանք եւ գոհունակութիւն ունեցայ: Բառին իսկական առումով՝ հաճելի անակնկալ մըն էր Ձեզ սիրողներուն համար: Իր հոս գալով՝ թէ՛ մենք «լիցքաւորուեցանք» եւ թէ՛ ինք: Շատ կ’ափսոսամ որ իմ ազատ ժամերուս ինք չկրցաւ յարմարուիլ եւ՝ փոխադարձաբար: Իր ժամերը բոլորովին տարբեր էին եւ հաւանաբար՝ հետաքրքրութիւններն ալ: Բայց «եոլա գացող» կ’երեւի միանգամայն: Ինչ եւ իցէ, յաջորդ գալուն՝ կը յուսամ իրերը այլ կերպ կը դասաւորուին:
Մեր ընկերային կեանքը քիչ մը լճացած է: «Երիտասարդ Հայաստան»ի երեւանեան առաջին թիւը տեսայ: Քիչ մը աւելին կը սպասէի: Յուսանք որ աւելի լաւ կ’ըլլայ:
Արփինէ Փեհլիւանեանի[dcxx] երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակի միջմիութենական յոբելինական յանձնախումբի աշխատանքներուն սկսայ մաս կազմել: Տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Յունիսի սկիզբը՝ մեծ շուքով:
Մարիան, Գրիգորը եւ ես մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձեր ղրկած յիշատակի (ոսկեխաչ) նուէրին համար: Այս առթիւ Ձեզի կ’առաքենք նաեւ յիշատակի երկու նուէր:
Ձեր Աւստրալիա երթալը մեծ «ոստում» մըն էր: Շարունակեցէ՛ք նոյն թափով ընթանալ: Մեր ոստումը՝ թերեւս դարադարձին, դէպի Հայաստան եւ Միջին Արեւելք:
Ընկերական ջերմ սիրով եւ կարօտալի բարեւներով՝
[ստոր.՝ ԳՄոլոյեան]
* * *
- Լիւտմիլա Մոտալովայէն
Պրահա, 29 Յուլիս [19]70[dcxxi]
Յարգելի պարո՛ն,
Ընդունէ՛ք իմ խորին շնորհակալութիւններ Ձեր ուղարկած նիւթերի համար: Ակնարկիցդ իսկոյն կը օգտուեմ:
Լաւագոյն ցանկութիւններով՝
Լ. Մոտալովա[dcxxii]
Bébo Simonian
(Bedros Kalaydjian)
- P. 4037
BEYROUTH
LIBANON[dcxxiii]
* * *
- Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանէն
Պ. Այրէս, 16 Օգոստոս [19]56[dcxxiv]
Սիրելի Սիմոնեան,
Թէեւ դէմքով իրարու անծանօթ եւ սակայն հոգիով ծանօթներ եղած ըլլալու տարակոյսը բնաւ չունիմ, քանի որ տարեցոյցներուս[dcxxv] մասին ունեցած արտայայտութիւնդ իր քննադատական եւ գնահատական իրաւ տողերով զիս լաւագոյնս ճանչցած ըլլալուդ ապացոյցը եկաւ տալու:
Քաւ լիցի որ Թէոդիկի[dcxxvi] մը տարած աշխատանքին հաւասարող գործ մը կատարող մը ըլլամ: Սակայն, կարելիս պիտի չի զլանամ, որպէսզի սինլքորներ ճաթին ու պայթին, եւ տարուէ տարի պիտի հրատարակեմ զայն թէ իսկ միակ աշխատակցողը ես ըլլամ իմ զանազան ստորագրութիւններովս:
Ուրախ եմ յայտնելու, որ այլեւս առանձին չեմ, ունիմ մարդիկ, որոնք կը հետաքրքրուին իմ տարած այս աշխատանքով: Այդ հետաքրքրուողներն արդէն իրենց օժանդակութիւնը բերել չեն զլացած: Անոնց վրայ, քու գնահատա-քննադատական ելոյթովդ աւելի զօրաւոր զսպանակ մը կը հանդիսանաս, որպէսզի ես իմ ունեցած ոյժերովս շարունակեմ այն գործը զոր Գէորգեան[dcxxvii] ըսուած ՏՈԼԱՐՃԻ մը կը հաւատայ թէ շարունակողը պիտի մնայ անմահանուն Թէոդիկին:
Ինծի համար այլեւս անծանօթ չէ ամերիկեան տոլարներու խաղցած հրաշագործ ազդեցութիւնը: Կարօ Գէորգեան մը, շնորհիւ այդ տոլարներու[ն], կրնայ թերեւս Թէոդիկն ալ գերազանցել, սակայն, այն ինչ որ յաղթանակ մը կ’ապահովէ, այդ մեր սեպհական ճիգերով ձեռք բերուած յաղթանակն է:
Իրաւունքիդ մէջն ես ըսելու, թէ ինչպէ՞ս, առանց աշխատակիցներ ու մանաւանդ գրադարանական դիւրութիւններ ունենալու, այսպիսի գործ մը ի լոյս կ’ընծայեմ հեռաւոր այս երկրամասին մէջ:
Երանի թէ հոս ըլլայիք եւ տեսնէիք թէ ի՞նչ չարչարանքներով տպագրութեան կը յանձնեմ տարեցոյցներուս բնակիչները եղող յօդուածները եւ ի՞նչ համբերութեամբ կը սպառազինեմ ինքզինքս, որպէսզի անիկա չդադրի լոյս տեսնելէ:
Այս ուղղութեամբ պիտի խնդրէի քեզմէ, որ եթէ կարելիութիւնն ունիս, քանի մը կարեւոր աշխատակիցներ ապահովես տարեցոյցիս, քանի որ այնպէս կը տեսնեմ որ Էջմիածին մեկնիլս գոնէ երկու տարիով պիտի յետաձգուի, ժողովուրդի բուռն փափաքին վրայ:
Ուրեմն քու եւ քեզի հաճելի բարեկամներու աշխատակցութիւնը խնդրելով քեզմէ, կը մնամ ջերմ ու անկեղծ զգացումներով գրական վաստակիդ յաջողութիւն մաղթող եւ
Աղօթարար՝
[ստոր.՝ ՅծվրդՄուշեան][dcxxviii]
* * *
Յարութիւն Ծյրգյն․ Վրդ․ Մուշեան
Գաննինկ 2273
Պ․ Այրէս
Պ. Այրէս, 29 Սեպտեմբեր 1956[dcxxix]
Սիրելի Սիմոնեան,
17 թուակիր սիրածրար նամակդ օրին ստացած եմ. սակայն ցաւառիթ վիշտի մը ենթարկուելուս, առիթը այսօր միայն ունեցայ նստիլ քանի մը տողով պատասխանելու, որուն համար ներողամտութիւնդ կը խնդրեմ:
Չես կրնար երեւակայել թէ որքա՜ն ուրախութիւն պատճառեց[dcxxx] ինծի քու անկեղծ տողերդ, հակառակ սգաւոր ըլլալուս: Նախազգացմանս մէջ չեմ սխալած ուրեմն, որուն համար ինքզինքս երջանիկ կը զգամ:
Կարդացի ներփակած քերթուածներդ: Երեքէն երկուքը, մանաւանդ մէկը, զոր ձօնած ես Ա.ի մը, հրաշալիք մըն է: Կ’երեւակայեմ թէ այդ խառնուածքով գրած քերթուածներդ ինչպիսի՞ արժէք կը ներկայացնեն,[dcxxxi] որմէ պէտք չէ զրկես հասակակիցներդ մանաւանդ: Նոյն իմաստով քերթուածներու հատոր մըն ալ ես ունիմ, զոր գրած եմ պատանութեանս օրերուն, երբ տակաւին ոչ իսկ սարկաւագ ձեռնադրուած էի: Այսօր ես իսկ հիացումով կը կարդամ զանոնք: Բայց, մեղք որ պաշտօնիս բերումով պիտի չկարենամ հրատարակութեան յանձնել զանոնք: Անցեալ տարի երբ Հայրենիք էի գացած, Սիլվա Կապուտիկեանին միայն տուած էի որ կարդայ: Գիտե՞ս թէ ինչ ըսաւ…: Հա՛յր սուրբ, սա պէտք է լոյս ընծայուի, որովհետեւ կրնայ երիտասարդութեան աշխարհիկ Աստուածաշունչ մը դառնալ: Բայց…:
Եթէ մնալու ըլլամ հոս եւ սկսիմ 1957-ի տարեցոյցիս հրատարակութեան, ղրկած քերթուածներէդ զատ կ’ուզեմ որ ուսումնասիրութիւն մըն ալ ղրկես առ ի հրատարակութիւն: Իսկ աշխատակիցներէ կը նախընտրեմ ունենալ պատմուածքներ եւ տեսական յօդուածներ, պայմանով որ երկար չըլլան անոնք:
Քու հասցէիդ, ունեցած հրատարակութիւններէս վաղն իսկ բոստ կը ձգեմ ծրար մը: Իսկ վերջին հրատարակութիւնս, որ հայրենի յուշերս է եւ տակաւին մամուլի տակ կը գտնուի, եթէ հրատարակուի լմննայ, անկէ ալ կը ղրկեմ: Կ’աշխատիմ չի նմանցնել զայն ցարդ հրատարակուածներուն եւ վստահ եմ որ պիտի յաջողիմ յետոյ տեղական լեզուով ալ հրատարակել տալ բարերար մը գտնելով:
Հայրենիք մեկնիլս դեռ որոշ չէ: Յուսամ սա քանի մը օրերու մէջ յայտնի կ’ըլլայ եւ ես ալ կ’ազատուիմ մեծ մղձաւանջէ մը:
Սպասելով նամակիս պատասխանին, կը մնամ ջերմ սիրով եւ անկեղծ զգացումով,
Աղօթարար՝
[ստոր.՝ ՅծվՄուշեան]
* * *
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ծ. Վրդ. ՄՈՒՇԵԱՆ
Միաբան Ուխտին Սրբոց Յակոբեանց
HAROUTUN Vartabed MUSHIAN
Canning 2273 Piso 3o
Buenos Aires – R. Argentina
Պուէնոս Այրէս, 12 Փետրուար 1957[dcxxxii]
Սիրելի Պէպօ,
Քու զիս չճանչնալդ – բառին իրաւ առումով – մեծագոյն վիշտն է որ պատճառեց ինծի, վերջին, 15 Յունուար թուակիր նամակովդ, քանի որ ես, գոնէ բարեկամ հոգիներու համար, եղած եմ այն անձը, որ իր անձը կը զոհէ բոցակէզ հուրին մէջէն հոգի մը փրկելու համար:
Եթէ կը յիշես, գոնէ առաջին նամակիս պարունակութիւնը, այս խօսքս արդէն աւելորդ իսկ է, քանի որ հոն ես ամբողջութեամբ ինքզինքս արտայայտած եւ բացատրած էի այնպէս, ինչպէս զիս կը ճանչնայ իմ ամենահարազատս:
Եթէ կը ներես, ես պիտի թելադրէի քեզի որ, երթայիր ՊԵՏՐՈՍԻՍ[dcxxxiii] եւ հարցնէիր թէ ես ո՞վ եմ: Եւ ես վստահ եմ որ Պետրոսը քեզի պիտի ըսէր թէ այն եմ, ինչ որ ես ԴՈՒՆ…:
Թերեւս, հոգեւորական մը ըլլալուս, կը կարծես որ ՆԻՒԹԱՊԱՇՏ ՄԸՆ ԱԼ ԵՄ: … ՄԻ՛ ՆԵՂՈՒԻՐ, քանի որ ԹԵՐԵՒՍ ԸՍԻ: Բայց որպէսզի տարակոյսը վերցնեմ մէջէդ, ըսեմ որ, այն օրէն որ անկեղծ գիրդ ստացայ, առանց մտածելու բոստին յանձնեցի իմ հրատարակութիւններէս մնացածներէն մէկական օրինակ, հաւատալով որ քեզի մեծագոյն երջանկութիւնը պիտի պատճառեմ:
Յունուար 15 թուակիր նամակէդ իմացայ, որ չես ստացած քեզի ղրկուած ծրարս: Սա պատմութիւն մըն է, որը ոչ միայն զիս, այլ եւ քեզի հարցական նշանի մը առջեւ պիտի դնէ: … Եթէ ներես, նուազագոյն համարձակութիւնը պիտի ունենամ ըսելու, որ ես ըրած եմ իմ ԿԱՐԵԼԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԳՈՀԱՑՈՒՄ ՏԱՄ ՔԵԶԻ:
Վստահ թէ պիտի հասկնաս քեզ անծանօթ կարծող հայ գրականութեան ՏՐՈՒՊՍ՝
Կը մնամ միշտ
Աղօթարար՝
[ստոր.՝ ՅծվՄ]
* * *
Պուէնոս Այրէս, 18 Մարտ 1957[dcxxxiv]
Սիրելի Պէպօ,
Եթէ ժամանակս ներելու ըլլար, աւելի սրտբացօրէն պիտի պատասխանէի քու այնքան անկեղծ գրութեանդ: Դժբախտաբար կամ բարեբախտաբար, այս տարի այնպիսի պաշտօնի մը կանչուեցայ, որ ժամանակը ադամանդով գնել կը պարտադրէ ինծի:
Նշանակուեցայ գաղութիս Կեդր. Վրժ.ի տնօրէն: 19 տարի դաշնակի մը ձեռքին տակ հեծեծող դպրոց մըն է ստանձնած պաշտօնս:[dcxxxv] Ա՛լ կրնաս երեւակայել թէ ի՞նչ թնճուկի մէջ կը գտնուիմ:
Այս անգամ այսքանով գոհացիր, բայց մի՛ թերանար գրելէ: … Կը խոստանամ յաջորդիւ լայն գրել, քանի որ վերամուտը կը կաշկանդէ զիս:
Սիրով եւ համակրանքով`
[ստոր.՝ ՅծվՄ]
* * *
Պուէնոս Այրէս, 17 Յուլիս 1958[dcxxxvi]
Սիրելի Պէպօ,
4 թուակիր սիրածրար նամակիդ կը պատասխանեմ առտնին գործերս մէկ կողմ դրած, որպէսզի փարատեմ հոգւոյս խորը բոյն դրած կասկածը:
Չեմ ուրանար օդի ճամբով ղրկած «Արարատ»ը, ուր գրախօսականը կար ի մասին այն գիրքիս,[dcxxxvii] որ մտքի երկունքիս վերջին հատորը եղաւ:
Ճիշդ է որ քննադատական կարգ մը կծու խօսքերդ անտեղի էին, քանի որ գիտէիր, թէ կրօնականի հանգամանքս ինծի չէր ներեր աւելի բացուիլ: Երկրորդ, մի՛ մոռնար որ արտասահմանի գրող մը միշտ նկատի կ’առնէ, թէ տպուելիք գիրքը քանի՞ ոսկի պիտի արժէ եւ քանիի՞ պիտի կամենայ ծախել որ ծախքը հանէ:
Մի՛ զարմանար, եթէ ըսեմ որ «կարմրակտուցներուն»[dcxxxviii] քով 50 օրինակ միայն ձգեցի որ սպառեն, եւ այսօր երկու տարի անցած է, 4 օրինակ միայն սպառած են:
Աւելի պարզ… 12.500 փեսօ պարտք ունիմ այդ հատորէս վճարելի: Որ է ըսել ոչ թէ չծախուեցաւ, այլ իբրեւ նուէր մակակնքուած եւ ուղարկուած հասցէներու տէրեր,[dcxxxix] չմտածեցին որ գրքին հեղինակը եկեղեցական մըն է եւ թէ այդ գիրքը տպուած է… դրամով:
Յուսամ կարդացած ըլլալու ես «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի անցեալ տարուայ գրախօսականը գրքիս մասին:[dcxl] Ըսե՞մ, ի միջի այլոց, թէ կարգ մը գրողներէ էջերով գնահատական նամակներ ստացած եմ…:
Կը հարցնես «Տարեցոյց»իս մասին…: Ինչպէ՞ս հրատարակէի երբ կը պակսէր նիւթը: Նիւթ ըսելով հասկցիր մամոնան. կամ՝ Սատանայի կղկղանքը:
Ցաւակից եմ Լիբանանի անցուցած տագնապին:[dcxli] Կը մաղթեմ ի սրտէ, որ «Արդարութիւնը յաղթանակէ»:
Սպասելով խոստացած «մեծ անակնկալ»իդ, կը մնամ եղբայրական ջերմ համբոյրներով,
Աղօթարար՝
[ստոր.՝ ՅծվրդՄ]
* * *
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ծ. Վրդ. ՄՈՒՇԵԱՆ
Միաբան Ուխտին Սրբոց Յակոբեանց
Harutiun vartabed Mushian
Acevedo 1353
Buenos Aires – R. Argentina
Պուէնոս Այրէս, 16 Յունուար 1962[dcxlii]
Պէպօ ջան,
Մեծ անակնկալ մը եղաւ Նոր Տարուայ սիրուն քարթդ եւ անոր ետեւի արձանագրութիւնը: Ես ալ քեզի պէս չեմ մոռցած, բայց գործերու մէջ այնքան խորասուզուած եմ որ առիթը չեմ ունենար սրտակիցները յիշելու:
Քանի մը ժամէն կը մեկնիմ պաշտօնով: Անոր համար կարճ պիտի ըլլամ այս անգամուայ համար:
Գրէ՛ ինծի նորութիւններէն: Գրէ՛ մանաւանդ ցաւագար Զարեհին[dcxliii] եւ իր քլիքի[ն] մասին:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅծվրդՄ]
* * *
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ծ. Վրդ. ՄՈՒՇԵԱՆ
Միաբան Ուխտին Սրբոց Յակոբեանց
Տեսուչ Արսլ․ Ազգ․ Ամբողջօրեայ Վրժ․ի
Harutiun vartabed Mushian
ACEVEDO 1353
Buenos Aires – R. Argentina
Պուէնոս Այրէս, 16 Մարտ 1966[dcxliv]
Սիրելի Պէպօ,
Թղթատարական սպասարկութիւնը այնքան անկանոն է որ կը տարակուսիմ այս գրոյս ալ ձեռքդ հասնելուն: Չեմ գիտեր թէ ամանորի քարթիդ տուած պատասխանս ստացա՞ր, թէ՞ ոչ…: Ներփակ պահարանը, վեց ամիսներ թափառելէ վերջ, կրկին ձեռքս անցաւ հրաշքով: Ըսի հրաշքով, որովհետեւ երկար ատենէ ի վեր գործադուլի մէջ է բոսթի պաշտօնէութիւնը եւ թոնօներով եւ միլիոններով թղթածրարներ բանտարկուած են նամակատան մէջ:
Անշուշտ պիտի հետաքրքրուիս, թէ ի՞նչ էր պարունակութիւնը նամակին եւ թէ ինչո՞ւ ձանձրոյթ քաշած եմ կրկին գրելու…:
Հ[ո]կտ[եմբեր] 19-ին Կրթական Յանձնախումբը լիակատար եւ լուրջ նիստ մը ունեցաւ, որուն մէջ շօշափուեցաւ մեր երկրորդական վրժ.ի հարցը: Երկար խօսակցութենէ վերջ այն եզրակացութեան եկան, որ երկու տարին անգամ մը մէկ կամ երկու կարող ու պատրաստուած ուսուցիչներ հրաւիրուին արտասահմանէն:
Խօսքէն գործի անցնելու համար, խնդրեցին ինձմէ որ այս ուղղութեամբ լուսաբանեմ զիրենք: Ու ես, նկատելով որ մասամբ գաղափարդ շօշափած էի մեր կողմերը գալու մասին, անվարան ձեր երկուքին[dcxlv] թեկնածութիւնը առաջարկեցի, պէտք եղած ծանօթութիւնները տալով: Ժողովը իրաւասութիւն տուաւ ինծի որ իսկոյն հրաւիրեմ երկուքդ ալ 1966-ի տարեշրջանին համար: Այդ հրաւէր-նամակս է որ երկու օր առաջ ետ վերադարձաւ ու ես այսօր – դարձեալ ժողովականներու թելադրութեամբ – կու գամ յայտնելու թէ հրաւիրուած էք երկուքդ ալ պաշտօնավարելու Արսլանեանի Երկրորդական բաժնին մէջ որպէս դաստիարակ հայերէնի, գրականութեան, շարադրութեան, քերականութեան, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ մանկավարժութեան, պատրաստելով ապագայ հայերէնագէտ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:
Ձեր այս ծառայութեան համար ամսական պիտի ստանաք իւրաքանչիւրդ 30.000-ական փեսօ եւ առաւել բնակարան: Այս ալ ըսեմ որ ձեզի տրուածը պետական սակին կրկինն է: Աւելին… ես քանի մը ամիս է սկսայ ստանալ 20.000 միայն, ամէն ծառայութիւններուս համար:
Սիրելի Պէպօ, թէ իսկ տրամադրութիւնդ փոխուած ըլլայ, պիտի փափաքէի որ փոխէիր զայդ եւ ի սէր մեր բարեկամութեան գոնէ, յանձն առնէիր այս զոհողութիւնը, անշուշտ երկուքդ ալ քաջ գիտնալով, որ սրտակից մը ունիք հոս:
Պայման մը սակայն, որ գաք մի միայն որպէս դաստիարակ եւ ոչ թէ կուսակցական հրահանգներով եւ կամ ալ պատասխանատ[ո]ւութիւններ յանձն առնելով:
Այս տարի աշակերտութեան լրիւ թիւը – այսինքն մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական – հասաւ 410-ի, թիւ մը, որ տիքտիքներուն[dcxlvi] մեծապէս ջղայնութիւն կը պատճառէ. քանի որ այս տարի շարունակ հակափրոփականտ ըրին իրենց ռատիօկայանէն, թելադրելով ծնողաց որ իրենց զաւակները Խրիմեան վրժ.[dcxlvii] ղրկեն:
Մոռցայ գրելու, որ ձեր երթ ու դարձի ծախքը լրիւ պիտի հոգայ Յանձնախումբը, պայմանով մը սակայն, որ աշխատանքի համար առ նուազն երեք տարի գոնթրաթ[dcxlviii] մը ստորագրէք:
Երկու ամիսէն ձեր արձակուրդը կը սկսի: Ուրեմն, համաձայն գտնուելու պարագային – եւ վստահ եմ որ պիտի գտնուիք, քանի որ արտագոյ ձեր աշխատանքին Հ. Բ. Ը. Մ.ն ալ գործ պիտի հայթայթէ ամսավճարով, որպէսզի իրենց երիտասարդներուն ալ գիշերային դասընթացք բանաք – իսկոյն ձեր բասբօրը եթէ պատրաստ է, մէջի տուեալները եղածին պէս գրամեքենայով ընդօրինակէիք ու ղրկէիք, որպէսզի հոս հաստատուելու եւ աշխատելու մնայուն արտօնութիւն ձեռք բերենք:
Երկրորդականի աշակերտութեան թիւը այս տարի – որ երկրորդ տարին է – եղաւ 63. Ա. դասարանը 47, իսկ Բ.ը՝ 16. բոլորն ալ սիրասուն եւ անուշիկ ձագուկներ են, որոնցմէ ութսուն տոկոսը կրնանք ազատել սպիտակ ջարդէն երբ միասին ձեռք-ձեռքի տանք:
Աւելի չերկարեմ եւ առիթ տամ ձեզի որպէսզի մտածէք եւ արագ պատասխան մը ղրկէք ինծի. պատասխան մը սակայն, որ երջանկութիւն պատճառէ ինծի եւ սրտաճայթ՝ հակառակորդներուն:
Ջերմ ու անկեղծ համբոյրներով երկուքիդ եւ մօրեղբայրներուդ,[dcxlix]
Եղբայրական սիրով՝
[ստոր.՝ ՅծվրդՄ]
* * *
Պուէնոս Այրէս, 20 Օգոստոս 1966[dcl]
Պէպօ ջան,
Օգոստոս 8 թուակիր սիրածրար նամակդ դիմացս է, երբ սա տողերս կը գրեմ պատասխանած ըլլալու համար անոր:
Չես կրնար երեւակայել ներքին հրճուանքս, ո՛չ թէ ինծի շռայլած տողերուդ պատճառով առթուած, այլ անկեղծ այն մերձեցմանդ, որ բարեկամական ըլլալէ աւելի եղբայրական էր: Եւ արդարեւ ես քեզի մօտեցած եմ այդ զգացումով, իսկ կողակցիդ՝ քեզմէ առաջ՝ միեւնոյն հոգիով:
Ուրախ եմ քեզմէ լսելուս, թէ Ազատուհին սկսած է իր գրական շնորհները երեւան բերել: Ի տղայ տիոց ես այդ գիծը նշմարած էի իր մէջ եւ իմ ամէն նամակներուս [մէջ] գրած որ գրականութիւնը իր թիրախը ընէ:
Վստահ եմ որ, քու յամառ հետապնդումներուդ շնորհիւ, անիկա պիտի դառնայ նոր Տիւսաբ մը, Սիպիլ[dcli] մը կամ Կապուտիկեան մը իր արձակ էջերով եւ հասուն մտածումներով: Պէտք է հրել սակայն զինք, հոն հասցնելու համար: Գիտեմ, չափէն աւելի զբաղուած է, բայց թող չմոռնայ որ ունի կենակից մը, որուն հաճոյքն է գրական զբօսանքը: Ամուսիններ կան որոնք հաճոյք պիտակը ուրիշ բանի մէջ կ’ըմբռնեն: Երանի իրեն որ ունի քեզի պէս մը, որ գիտէ որոմը ցորենէն զատորոշել:
Գրած էիր թէ «Արարատ»ի մէջ արդէն լոյս տեսած են կարգ մը յօդուածները: Այդ թիւերը մեզի չհասան տակաւին: Յուսամ մենք եւս կարդալու եւ ըմբոշխնելու առիթը կ’ունենանք:
Կը հարցնես իմ անձնական կեանքիս մասին: Արդէն գուշակած էիր նամակիդ մէջ, թէ կլանուած եմ կրթական գործերով եւ անոնց հնհնուքներով: Գլխու ցաւ ո’ր կողմ ալ դառնաս: Միակ սփոփանքս հոն է, որ կը հասցնեմ սերունդ մը, որուն գոնէ – կը հաւատամ – մէկ երրորդը հայ պիտի մնայ: Գրական փորձեր շատ քիչ անգամ կը կատարեմ: Վերջինը ոտանաւոր մը եղաւ – զոր շատ դժուարութեամբ երկնեցի – կուսակրօն քահանայութեանս 25-ամեակին առիթով, որը լոյս պիտի տեսնէ «Հայ Կեդրոն»ի այս թիւին մէջ: Յուսամ կը յիշես, թէ ամսոյս 24-ին կեանքիս անուշ մէկ պահը պիտի ապրիմ, թեւակոխելով նոր քսանհինգի մը, որուն չեմ գիտեր թէ պիտի հասնի՞մ: Յամենայն դէպս, աղօթեցէ՛ք որ ապրելիքս գէթ ըլլայ արդիւնաւոր:
Ի լրոյ կ’իմանամ թէ Սրբազանը[dclii] յանձնախումբ մը կազմած է ճաշկերոյթով մը նշելու, ինչպէս ես ըրած էի իր 25-ամեակին: Գալ Կիրակի, 28-ին, ես պիտի պատարագեմ եւ կարծեմ պատարագէն վերջ տեղի պիտի ունենայ խրախճանքը: Մինչ այդ նամակս ձեռքդ հասած կ’ըլլայ: Մէկական գաւաթ պարպեցէ՛ք կենացս:
Կը սպասեմ պատասխանիդ: Մի՛ ուշացներ:
Եղբայրական սիրով,
Քոյդ՝
[ստոր.՝ ՅարծվրդՄուշեան]
* * *
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ծ. Վրդ. ՄՈՒՇԵԱՆ
Միաբան Ուխտին Սրբոց Յակոբեանց
Տեսուչ Արսլ. Ազգ. Ամբողջօրեայ Վրժ.ի
Harutiun vartabed Mushian
ACEVEDO 1353
Buenos Aires – R. Argentina
Պուէնոս Այրէս, 4 Մարտ 1967[dcliii]
Սիրելի հարազատներ,
Ապաշխարութեան քառասնօրեայ շրջանը կէս ըրած երբ մեղքերու թողութեան մասին կը մտածեմ, միտքս կ’իյնայ, որ աստուածային ճշմարտութեանց դէմ մեղանչելէս զատ, մեղանչած եմ նաեւ ձեզի, ցարդ քանի մը տող չգրելուս համար: Ուստի, որպէսզի կարենամ Զատիկը հրաշափառապէս տօնել, կու գամ ներում խնդրել ձեզմէ ալ, որուն, յուսամ, կ’արժանանամ:
Խորհրդածութիւններն ու «Երիտասարդ Հայուհի»ն ունենալուս համար ընդունեցէ՛ք ուշացած շնորհակալութիւններս: Ստացած եմ նաեւ Ծննդեան շնորհաւորականը, այնքան սիրուն տողերով: Փոխարէն այս բոլորին, Դուք ալ ընդունեցէ՛ք իմ Զատկական ամենաջերմ շնորհաւորութիւններս ու մաղթանքներս, բխած ի խորոց սրտի:
Քանի մը խնդրանքներ ունիմ.-
Ա.- Հետաքրքրուիլ որ
1.- Աշխարհագրութեան գիրքս[dcliv] քանի՞ վարժարաններ կը գործածեն:
2.- Սպառելու մօ՞տ է:
3.- Բ. տպագրութեան յոյս կա՞յ: Եթէ կայ, սրբագրած օրինակը կ’ուզեմ ղրկել:
Բ.- Ձեր հասցէով կը ղրկեմ «Պատմական Հայաստանի Աշխարհագրութիւն»ս, նոր սրբագրութեամբ, որպէսզի Սիմոնեանին[dclv] տանէիք որ, եթէ տպագրել մտադրած է, այս օրինակը նկատի ունենայ:
Գ.- Եթէ կան հայաստանեան նոր երգեր, ժապաւէնի քաշել եւ ղրկելնիդ պիտի ցանկանայի, ձեր ալ ձայնը մէջը:
Լաւ եմ, ու կը պատրաստուիմ դպրոցական նոր շրջանի որ կը սկսի ամսոյս 13-ին, նորակառոյց շէնքին մէջ:
Եղբայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
* * *
Պուէնոս Այրէս, 25 Ապրիլ 1967[dclvi]
Սիրելի Պէպօ,
Ստացայ ուշացած բայց անուշ նամակդ ու կուշտ ու կուռ վայելեցի անոր պարունակութիւնը:
Ուրախ եմ որ տէր եւ տիկին լծուած էք մշակութային եւ գրական ասպարէզին եւ կը բերէք ձեր սատարը հայ գրականութեան: Կը կարդամ Ազատուհիին գրութիւնները «Երիտասարդ Հայուհի»ին մէջ:[dclvii] Գոհ եմ, բայց աւելի խորունկը կ’ուզեմ ես: Այսինքն կ’ուզեմ որ Եսայեանի[dclviii] կամ Կապուտիկեանի հասնի․․․, եւ ինչո՞ւ չէ՝ անդին ալ։ Կը զգամ զբաղուածներուն բազմազանութեան պատճառած արգելքները: Բայց քաջ գիտեմ ալ որ կամեցող եւ կրցող է Ազատուհին:
Սիմոնեանէն նամակով ստացայ որ կը յիշէ իրեն հանդիպիլդ եւ կը խոստանայ այս տարի հրատարակել: Կը խնդրէ որ «Արարատ» իր գրախօսականով կամ թելադրութիւններով կոչ ուղղէ վարժարաններուն, որպէսզի իւրացնեն:
Լաւ ես մտածած քերթուածներդ սեպհականութիւն դարձնել ազգին: Այս ուղղութեամբ հայրենի կառավարութիւնը չի՞ կրնար արդեօք ձեռք մը երկարել կամ Երեւան տպելով եւ կամ մեկենասութիւնը յանձն առնելով: Չե՞ս մտածեր գրել AOKS-ին…[dclix]
Յուսամ Ազատուհին քննութիւնները յաջող անցուց: Գրէ՛ այդ մասին (եթէ ինք չի՛ բարեհաճի) որպէսզի ուրախանամ:
Գնէլ եպս. եւ Կուժունի[dclx] եկան, վաղը կ’երթան: Հովի պէս եկան, զեփիւռի պէս պիտի սահին առանց շօշափելի արդիւնք մը ձեռք բերելու: Այս մասին գրած եմ Պետրոսին:[dclxi]
Սիրալիր եւ եղբայրական համբոյրներս քեզի եւ քուկիններուդ, մանաւանդ Մանուկ մօրեղբօրդ:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅծվրդՄ]
Էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Յ.Գ.– Գրէ՛ նորութիւնները Եր[ուսաղ]էմի ձեռագրաց մասին:[dclxii] Հետաքրքիր եմ:
[ստոր.` խզբզոց մը]
* * *
Պուէնոս Այրէս, 14 Օգոստոս 1967[dclxiii]
Պէպօ ջան,
Սա վայրկեանիս մանաւանդ, բնաւ տրամադրութիւն չունիմ գրած այնքան հաճելի եւ քաղցր նամակիդ պատասխանելու. բայց որովհետեւ ինծի սովորութիւն ըրած եմ չուշացնել պատասխաններս, կը հետեւիմ անոր:
Հաւանաբար ուզես հասկնալ պատճառը: Նորէն մեր եպիսկոպոսի[ն][dclxiv] յիմարութիւնները բռնած է կ’երեւի եւ կ’ուզէ անգամ մը եւս չափուիլ: Երէկ, երբ Մայրերու Օրուայ հանդիսութեան փակումը կը կատարէր, անուղղակի կերպով սկսաւ հարուածել զիս, որ հանդէսի[ն] կազմակերպողն էի: Ժողովուրդը ընդվզեցաւ, բայց ի յարգանս աստիճանին՝ անգամ մը եւս լռեցի:
Գնէլի եւ Կուժունիի յայտարարութիւնները իսկապէս զիս զարմացուց[ին]: Դուն շատ լաւ գիտես, որ լաւագոյն գաղութներէն մէկն է Արժանթին, ուր միակ անկազմակերպ եղողը Հնչակեան կուսակցութիւնն է: Շէֆեր իրարու դէմ լարուած, որոնք հաւանաբար իրենց հոս գտնուած միջոցին քով-քովի եկան, բայց այսօր այն են, ինչ որ էին իրենց գալէն առաջ: Ցաւալի է իրապէս մեր վիճակը հեռաւոր այս ափերուն վրայ: Ողորմելի մարդիկ, կուսակցութեանց գլուխ կանգնած, իրարու հետ, սիլիկ եարըշը[dclxv] կ’ընեն:
Ազատուհիի դասախօսութիւնը «Երիտ. Հայուհի»ի մէջ արտատպուած,[dclxvi] օրին հետս դասարանս տարի եւ երկրորդականի աշակերտներուս կարդալով մեկնաբանեցի: Խորապէս զգացուեցան եւ ազդուեցան: Ուսուցչական կազմը ձեռքէ-ձեռք կը խլէ ըմբոշխնելու համար զայն: Զեփիւռը[dclxvii] միտք ունէր բաժանորդագրուելու «Երիտ. Հայուհի»ի, որպէսզի ունենայ Ազատուհիի յօդուածները: Մասնաւոր բարեւներ ունի ձեզի եւ կը սպասէ որ Ազատուհին յաճախ գրէ իրեն:
Արձակուրդ է ձեզի: Բարի վայելում կը մաղթեմ, քանի որ երկուքդ ալ արժանի էք այդ հանգիստին:
Եղբայրական ջերմ եւ սիրալիր ողջոյններ երկուքիդ ալ:
Եղբայրօրէն`
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
* * *
Harutiun Vartabed Mushian
- S. J.[dclxviii]
Director de la Escuela “Arslanian”
ACEVEDO 1353
Tel. 772-3558 y 8174
[Պուէնոս, Այրէս,] 5 Յունիս [19]68[dclxix]
Պէպօ ջան,
Պետրոսի գրած նամակէն ցաւ ի սիրտ իմացայ մեծ մօրդ վախճանման լուրը, ուստի կը փութամ իմ եւ միւսներուն ցաւակցութիւնները յայտնել թանկագին այդ կորուստիդ առիթով:
Գիտակիցներ մխիթարելու յիմարութիւնը չէ՛ որ պիտի գործեմ, քանի որ կը ճանչնամ քեզ, այլ եղբայրօրէն պարզ պիտի ցաւակցիմ, հաւասարապէս բաժնելով վիշտդ: Այս զգացումը անո՛ր համար, որ շատ մօտէն կը ճանչնայի հանգուցեալը իր բարի եւ առաքինի հոգիովը ի տղայ տիոց:
Պարտականութիւնը զոր կատարեցիր որպէս թոռնիկ, կը բաւէ որ դուն քեզ մխիթարուած զգաս: Գալով իրեն, կարճ բառով մը՝ ազատուեցա՛ւ…:
Պիտի խնդրէի որ անկեղծ զգացումերուս թարգմանն հանդիսանայիր մա՛նաւանդ դասընկեր[ոջ]ս-մօրեղբօրդ՝ Մանուկին, որուն վրայ (վստա՛հ եմ) շատ աւելի պիտի երեւնայ վշտին խորութիւնը, քանի որ զաւակներուն մէջ էն շատ իր նկատմամբ կը տածէր խորունկ այն սէրը, որ մայրական կը կոչուի:
Եղբայրական սիրով,
Քոյդ՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
* * *
[Պուէնոս Այրէս,] 14 Յուլիս [19]68[dclxx]
Սիրելի Պէպօ,
Այս քանի մը տողերը կը գրեմ ազդեցութեանը տակ այն ընթերցմանս, զոր աւարտեցի տակաւին քիչ առաջ, հակառակ բազմազբաղ վիճակիս:
Կ’ակնարկեմ վերջին հատորիդ,[dclxxi] զոր բարեհաճած էիր ինձ եւս բարեկամաց շարքի[ն] դասելով, օրինակ մը մակագրելով ղրկել, որպէսզի ես ալ հաղորդ մնամ այն ապրումներուդ, որոնք գիրի ճամբով թուղթին էին յանձնուած հրաշալի եւ անթերի տպագրութեամբ մը:
Որպէս գրին տեսլահար, երբ կը մտաբերեմ մտածումներդ տպագրութեան յանձնելու հերոսական ճիգդ, ինծի համար արդէն աղուոր դիմագիծ մը, աւելի քան կը պայծառակերպուի, քանի որ, թիւ 1[dclxxii] համոզուողներէն մին եմ եղած այն մտածողներէն, որոնք արտասահմանի մէջ իրենց մտաերկունքը տպագրութեան յանձնելու հերոսական ճիգն ալ կը գործեն:
Հատորը, զոր կը դնես ընթերցողներու ձեռքին մէջ, վստահ եմ որ շա՜տ քիչերուն միայն մատչելի պիտի ըլլայ, քանի որ բանաստեղծութիւնդ[dclxxiii] ճանչցող շատ քիչեր միայն պիտի ըլլան:
Ապրումները, զոր երկունքով տողին յանձնած ես ի գին ինծի պէս շատ քիչերուն միայն ծանօթ զոհողութիւններու, տողերուդ մէջէն անմեկնելի պիտի մնան: Կ’ըսեմ այսպէս, որովհետեւ համոզուած եմ որ (նոյն իսկ հայրենի քննադատներ) պիտի չթափանցեն խորքին այն իտէալին, որուն ուզած ես ձգտիլ մէն մի էջերուդ եւ այդ էջերուդ մէջէն իւրաքանչիւր տողերուդ մէջ, որոնք քու ոչ միայն զգացումներդ են, այլ ինքնութիւնդ: Այսինքն՝ «Պէպօ»ութիւնդ:
«Պէպօ» մըն ես, արդարեւ, այս վերջին հրատարակութեանդ մէջ ամբողջովին:
«Պէպօ» մը, արտասահմանի հայութեան, «Պէպօ» մը հայրենի՝ արտասահմանեան կեանքին անգիտակ, նոյնիսկ ինքզինք գիտակից կարծող մտաւորականութեան, որուն հաւանաբար կարկառուն ներկայացուցիչը ըլլայ մեր շատ բոլորէն սիրուած բանաստեղծուհի Սիլվան:
Հայրենի գրողներ, կամ՝ քեզ ու ինձ, գրիչ շարժողներու համար մեր վրայ գուրգուրացողներ թէ իսկ գնահատական խօսքեր ալ շռայլեն, ես, որպէս եղբայր հարազատ, պիտի թելադրէի, որ մնայիր այն բարձրունքին վրան, ուր ես ճանչցայ քեզ:
Ունիս (գո՛նէ) կողակից մը, որ գիտէ եւ կը գնահատէ այս արժէքը, որ կայ … քու մէջդ:
Ծաղկմանդ եւ ծանօթացմանդ հանգրուանին վրայ կը գտնուիս, որպէս արտասահմանի շա՜տ մը գրողներու արշիպեղագոսին մէջ:[dclxxiv]
Կ’ուզեմ որ ըլլաս «փնտռուած»ը անոնցմէ:
Կ’օրհնեմ գրիչդ, ու կը մաղթեմ նորանոր մտաերկունքներուդ համար սրտազեղ յաջողութիւններ:
Շնորհակալութիւն՝ նուէրիդ:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅծվՄ]
* * *
Պ[ուէնոս] Այրէս, 12 Օգոստոս 1968[dclxxv]
Պէպօ ջան,
Դպրոցական ձմեռնային արձակուրդս օգտագործելու համար Մար տէլ Բլաթա կոչուած հանգստավայրը կը գտնուէի երբ նամակդ հասած էր եւ ինձ կը սպասէր սեղանիս վրան: Գործերս հազիւ կարգի դրած, առաջին առիթով քեզ[ի] է որ կը պատասխանեմ, առանց սպասելու նաեւ Ազատուհիին իբր թէ գրելիք նամակին ալ:
Վստահ եմ, հետաքրքիր ես տեղւոյս ընտրութիւններէն վերջ տիրող գոյավիճակի մասին: ՇԱՐԺՈՒՄ, ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ բառերով ոտքի ելան մարդիկը եւ իրականութեան մէջ թէ՛ իրենք շարժեցան եւ թէ՛ անշարժները շարժեցին. բայց երբ գործել հարկ եղաւ, տեսան որ խօսքով շարժում տեղի չ’ունենար: Առաջին առիթով, ուզեցին դպնալ իմ դպրոցիս: Ժողովի կանչեցին եւ մանրամասնեալ տեղեկութիւն ուզեցին: Բնական է, պէտք եղածը տուի։ Սակայն երբ մանրամասնութիւններու մէջ մտնել ուզեցին, թելադրեցի իրենց որ նախկին ժողովականներու արխիւները փնտռեն եւ կարդան տուած տեղեկութիւններս, ինքզինքս պարտաւոր չնկատելով անգամ մը եւս հաշիւ տալ:
Որոշած են Երկրորդականի ծրագիրը փոխել քանի մը դասեր եւս աւելցնելով: Երբ ուսուցչի պակասը շեշտեցի, առանց մտածելու յայտարարեցին թէ իրենք ուսուցիչ գտած են արդէն: Այսօր տասնհինգ օր է, եթէ դուն այդ ուսուցիչները տեսար, ես ալ տեսայ: Երբ առարկեցի տարւոյ կէսին տեղի ունեցող այս փոփոխութեան մասին, որոշումնին որպէս վճիռ յայտարարեցին, արհամարհելով ծնողաց կարծիքը: Արդէն չորս կողմէն բողոքներ բարձրանալու սկսան: Թող որ ուսուցչի պակասէն արդէն պիտի չկարենան իրագործել: Ետեւէս ինկած են որ բարձրագոյն դասարաններու պատմութեան եւ հայերէնի դասերը ես վերցնեմ փոխան վարձատրութեան: Մերժեցի, առարկելով թէ իմ կարողութիւնս չի ներեր: Առայժմ, այսպէսով կը քաշքշեմ: Եթէ տեսնեմ որ իրենց յեղափոխականներէն պիտի բերեն – քանի որ նպատակնին հայոց պատմութիւն ըսելով, յեղափոխութեան պատմութիւն կը հասկնան – պիտի ստիպուիմ ստանձնել, որպէսզի ամլութեան դատապարտեմ զիրենք:
Վեհին[dclxxvi] հետ աւելի քան ժամ մը առանձինն խօսակցութիւն ունեցանք իր առաջարկով՝ թեմիս ապագային մասին: Համոզուեցաւ իրապաշտ մտածումներուս ճշմարտութեան եւ թելադրեց որ չնահանջեմ, այդ պարագային խոստանալով եպիսկոպոսութիւն: Այդ տիտղոսը նոյնութեամբ իրեն ետ դարձուցի, ըսելով թէ ես գաղափարիս կը ծառայեմ եւ թէ եպիսկոպոսութեան աչք չունի՛մ: Եթէ ունենայի, ըսի, Եգիպտոսէն թեկնածութեանս առաջարկ եկաւ եւ մերժեցի: Ուզեց իր ալ թեկնածուն ընել եւ ընտրութիւնս յաջողցնել, դարձեալ մերժեցի, ցոյց տալու համար թէ ես եպիսկոպոսութեան ոչ մէկ ցանկութիւն ունիմ, մանաւանդ հինգ եպիսկոպոս աշակերտներ ունենալէս վերջ: Ինծի համար աւելի բարձր նկատեցի «Արսլանեան»ի 510 աշակերտները քան առաջնորդութիւնը: Այսպէս ալ բաժնուեցանք:
Մերոնք սկսան խլրդային աշխատանքի, յառաջիկայ տարուայ ընտրութեան ցոյց տալու համար որ ո՞վ է մեծամասնականը: Մեզի կը մնայ հանդուրժել եւ տոկալ մինչեւ յառաջիկայ տարի:
Կարծեմ բաւական տեղեկութիւններ կրցայ տալ: Հիմա որ դուն արձակուրդի մէջ կը գտնուիս, գրէ՛ ինծի քիչ մը աւելի ընդարձակ:
Ջերմագին համբոյրներ քեզ[ի] եւ Ազատուհիին, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուդ:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
2-րդ էջի ձախ լուսանցքին վերը, էջին երկարութեամբ երեք կարճ տողերով ձեռագիր գրուած է. Զեփիւռը վե՜րջապէս ամուսնացաւ Յուլիս 28-ին եւ այժմ ի մեղրալուսնի է Սան Փաուլօ:
[ստոր․՝ խզբզոց մը]
* * *
Ռիօ Սեւաժոս, 17 Յունուար [19]69[dclxxvii]
Սիրելի Պէպօ,
Նոր Տարիէն ի վեր հօրս եւ մօրս հետ կը գտնուիմ Գորտովայի հովոցներէն Ռիօ Սեւաժոս կոչուած տեղը, որու տեսարժան վայրերէն մին է ղրկածս: Քանի մը օրեր առաջ մօրաքոյրս ալ եկաւ հետը բերելով Դկտ. 16 թուակիր նամակը: Ուրեմն, ուշացումը պատասխանին մայրաքաղաքէն հեռու ըլլալս եղաւ: Չմեկնած, օդի ճամբով «Նոր Հաճըն»ի վերջին թիւը ղրկած էի, յուսամ ստացած ըլլալու էք, 2 օրինակ ալ պարզ բոսթով ձգեցի: Եկայ հոս՝ քիչ մը հանգչելու եւ կազդուրուելու: Ժիրայր Նայիրին 2 անգամ միայն տեսնելու առիթ ունեցայ: Ինչպէս գրած էի (կարծեմ), առաքելութիւնը ձախող անցաւ: Կուժունի եւ Գնէլ ինչ կրցան ընել որ ինք ինչ կարենայ: «Ես ճանաչեմ զիմսն»: Վերադարձիս երբ պատասխան ստանամ քեզմէ, մանրամասն կը գրեմ:
Սիրալիր համբոյրներ քեզ[ի] եւ Ազատուհիին, ողջոյններ՝ բոլորին:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅծվրդՄուշեան]
* * *
[Պուէնոս Այրէս,] 15 Ն[ո]յ[ե]մբ[եր] 1969[dclxxviii]
Սիրելի Պէպօ,
Աթոմական լուր մը ձեզի…:
Երկար թղթակցութիւններէ վերջ, կարողացայ յաջողցնել Երկրորդականի անդրանիկ շրջանաւարտներուս դէպի Մայր Հայրենիք ճամբորդելու հրաւէրը, զոր պիտի գլխաւորեմ ես:
Կը մեկնինք հոսկէ Դեկտ. 21-ին: Երկու օր Մոսկուա մնալէ եւ տեսարժան վայրեր պտ[ը]տելէ վերջ, պիտի մեկնինք Երեւան, մնալու համար մինչեւ Ծնունդ: Մեռելոցին կամ յաջորդ օրը – ո՛ր օրը որ օդանաւ կայ դէպի Պէյրութ – կու գանք միանալու ձեզի շաբթուայ մը համար միայն, որպէսզի Երուսաղէմի Ծնունդն ալ տեսնեն ու վայելեն:
Եօթը պարմաններ են, հինգը՝ աղջիկ, երկուքը՝ մանչ, որոնց[մէ] մէկը բանաստեղծի հոգիով շաղախուած: Հինգը ազգականներ ունին, երկուքը պիտի ըլլան հետս: Գրեցի Պետրոսին որ զանոնք շաբթուայ մը համար գիշերելու ճար մտածէ քեզի հետ. յուսամ կը կարգադրէք:
Երուսաղէմէն պիտի մեկնինք Աթէնք, Հռովմ, Փարիզ, Լիզպոն, Սան Փաուլօ եւ Պ. Այրէս, ուր մտադիր ենք ըլլալ Փետրուարի կէսին:
Վստահ թէ այս լուրը երկուքդ ալ պիտի ուրախացնէ, կը մնամ
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
* * *
Պ[ուէնոս] Այրէս, 17 Մարտ 1970[dclxxix]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Ուշացուցի, եւ շատ ուշացուցի նամակս. բայց ի՞նչ կրնայի ընել, երբ – ըստ ձեր փափաքին ալ – կը խորհէի թէ մինչեւ դառնալս տեսչութեան հարցը որոշ լուծում մը ստացած կ’ըլլայ: Ոչ միայն մեր միտքէն անցածը չէ պատահած, այլ՝ աւելի լուրջ հանգամանք ստացած [է]: Այն աստիճան որ, երէկ, որ դպրոցի բացումն էր, ու… տեղատարափ անձրեւ մը կը տեղար, քսանէ աւելի գաղտնի ոստիկաններ բերած են վախցնելու համար թէ՛ ուսուցիչները եւ թէ՛ ծնողները:
Բուն ցաւս սակայն եպիսկոպոսէ՛ն կու գայ, որ անտարբերութեան քարը խղճմտանքին վրայ դրած, ոչ իսկ քովս կը մօտենայ գէթ սփոփելու համար: Չերկարեմ, քանի որ աչքս լեցուելու սկսաւ արդէն…:
Գիտեմ որ շնորհակալութիւն չէ՛ք սպասեր, սակայն պարտք կը համարիմ երախտագիտութիւնս յայտնել ձեր ըրած բոլոր այն բաներուն համար, որոնք քանդակուած մնացին աշակերտաց հոգւոյն մէջ: Մինչեւ վերջ, կ’իմանամ թէ իրենց այցի եկողներուն, ձեր հիւրասիրութեան եւ ջերմ գուրգուրանքին մասին կը խօսին եղեր:
Կը սպասեմ արագ պատասխանի մը, գէթ մխիթարուելու համար: Ընդունեցէ՛ք ամենաջերմ համբոյրներս եւ յայտնեցէ՛ք ողջոյններս բոլոր-բոլորին:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅարութծվՄ]
Էջին վարը ձեռագիր գրուած է.
Պատասխանեցէք՝ Գաննինկ 2273 հասցէով:
* * *
Harutiun Vartabed Mushian
- S. J.
Canning 2273 piso 3o
Պ. Այրէս, 30 Յուլիս 1973[dclxxx]
Սիրելի Ազատուհի,
Ձմեռնային արձակուրդէս – զոր կատարեցի ծնողացս հետ ի Գորտովա – վերադարձած օրս, ստացայ քու Յունիս 23 – կրնա՞յ ըլլալ, թէ ոչ՝ Յուլիսի տեղ սխալմամբ Յունիս գրած ես – թուակիր նամակդ, որուն մէջ նախ կը թելադրէիր որ Պէպօն իր գրած նշանաւոր նամակին պատասխանը կը սպասէ:
Ես օրին պատասխանած եմ Պէպօ-ի արդարեւ նշանաւոր 9 Յունիս թուակիրին, ոչ թէ իրեն, այլ Տիգրանիկին ուղղելով գիրս: Շատ պիտի ցաւիմ, եթէ կորսուի այդ նամակս: Պիտի խնդրէի, որ այս մասին լուսաբանէիր զիս:
Գալով Գօգոյի հարցին,[dclxxxi] իմացած ըլլալու էք, որ երկիրը[dclxxxii] անկայուն վիճակ մը ունի եւ չենք գիտեր, թէ ո՞ւր պիտի հասնի[ն] գոյութիւն ունեցող տակնուվրայութիւնները: Կեանքը անտանելիօրէն սղցած է ամէն տեսակէտով: Իսկ համալսարանակա՞ն կեանքը… Ճիշդ է որ կրթութիւնը ձրի է, սակայն դասագիրքերը այնքան սուղ են որ անկարելի է հասնիլ անոնց ծախսերուն եթէ մէկը լաւ եկամուտ մը չունենայ:
Ի վերայ այս ամենայնի, կ’ուզեմ նորութիւն մը յայտնել. Հ. Բ. Ը. Միութեան Մոնթէվիտէոյի մասնաճիւղը, նոր դպրոց մը կը կերտէ[dclxxxiii] եւ եկան առաջարկելու, որ տեսչութիւնը ես ընդունիմ: Այնպէս որ տատանումի մէջ եմ: Օգոստոս 14-ին պիտի այցելեմ Մոնթէվիտէօ՝ տալու համար իմ վերջնական խօսքս: Եթէ յարմարինք եւ հոն հաստատուելու ըլլամ, այն ատեն, թերեւս կարենամ դրական պատասխան մը տալ:
Մինչ այդ, ընդունէ՛ ջերմագին համբոյրներս քեզ[ի], Պէպօ-ին եւ Տիգրանիկին:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄ]
* * *
Թորոնթօ, 17 Յունուար 1974[dclxxxiv]
Սիրելի Պէպօ,
Պիտի զարմանաք, գիտեմ, թէ ուրկէ՞ ուր այս անակնկալը: Այդպէս պատահեցաւ: Երբ իմացայ որ հօրեղբօրս վիճակը շատ լաւ չէ եւ միշտ զիս կը յիշէ, մերիններու հարցումին վրայ, այս տարի ալ այս խենթութիւնը ըրի՝ վտանգաւոր եւ փոթորկալի երկար ճամբորդութիւն մը կատարելով:
Տիգրանիկին նկարները մեկնելէս օր մը առաջ ստացած էի: Ուրեմն անոր կը պատասխանեմ Թորոնթոյէն: Դուրսը թէեւ կէս մեթր ձիւն եւ կծող հով մը կը շրջագայի, բայց սենեակին մէջ պարզ շապիկով նստած ենք:
Վաղը կը մեկնիմ Մոնթրէալ, որովհետեւ Լորիսը, Ստեփանը եւ Մատլէնը[dclxxxv] հոն հաստատուած են: Կ’ուզեմ զանոնք ալ տեսնել:
Առիթը օգտագործելով կը շնորհաւորեմ յարուցեալ Ազատուհիին վերածնունդը[dclxxxvi] (20 Յնվր.[dclxxxvii]), մաղթելով բազում տարիներ: Երբ Տուտուին[dclxxxviii] ըսի, աչքերը արցունքով լեցուած, սկսաւ մանրամասնութեամբ նկարագրել դէպքը եւ իր առաջին այցելութեանը կրած տպաւորութիւնը: Ինք եւս կը ձայնակցի ինծի:
Իմացած էի, թէ Թորոնթոյի հայութիւնը պահած է իր դիմագիծը: Երեւակայէ՛, Նոյեմիին[dclxxxix] մեծ աղջիկը հայերէն մը կը խօսի, կարծես ամերիկացի մը ըլլայ: Բերնին մէջ անգլերէնի անհամութիւն մը կը զգենու կիւզելիմ[dcxc] մեր լեզուն, ալ երեւակայէ՛ միւսները:
Պետրոսը բաւակա՛ն փոխուած է: Քնանալը բոլորովին ձգած [է] եւ բաւական լաւ գործի մը լծուած: Օգտակար կը դառնայ ազգային տեսակէտով ալ: Աւետիսը[dcxci] ուրախ է գալուն: Ընդհանուր պատասխանատուն է իր մասնագիտութեան ճիւղին: Սիրվարդին ու նոյնպէս Նանային[dcxcii] ամուսիններն ալ լուռ են գործով:
Առաջարկ եղաւ որ Գանատայի առաջնորդութիւնը ընդունիմ, սակայն մերժեցի՝ ծնողքէս չբաժնուելու համար: Ի վերջոյ տարիքնին առած են եւ զիրենք կրկին տեղահան ընել մեղք է:
Դեռ հոս եմ մինչեւ Փետ.ի 10-ը, եթէ ուզես՝ կրնաս պատասխանել:
Եղբայրական համբոյրներ քեզ[ի], Ազատուհիին եւ քեռիներուդ, խածիկներ Տիգրանիկին:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
* * *
Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեան
Գաննինկ 2273
Պ. Այրէս – Արժանթինա
Թորոնթօ, 28 Հոկտեմբեր 1976[dcxciii]
Սիրելի Պէպօ,
Ուրկէ՞ ուր, ըսես թերեւս, եթէ տակաւին Հայր Գէորգին[dcxciv] չհանդիպեցար, որուն հետ, Մայր Աթոռ գտնուած ատենս տեսակցած եւ քարթ մըն ալ յանձնած էի…: Քանի մը օր է որ հոս կը գտնուիմ, անգամ մը եւս տեսնելու եւ վայելելու համար հարազատներս: Երբ իմացայ, որ Տէր Սեդրակի[dcxcv] զարմիկը դէպի հոն կու գայ, օգտուելով իր բարեացակամութենէն, քանի մը սա տողերը կը գրեմ բացատրելու համար նպատակս:
Եթէ նպատակ ունիք դուք եւս հեռանալու Լիբանանէն ու կը նախընտրէք Արժանթին հաստատուիլը, Հ. Բ. Ը. Միութեան տեղական վարչութիւնը սիրով պատրաստ է ձեր երկուքին պաշտօն տալ իր նորաբաց վարժարանէն[dcxcvi] ներս որպէս տնօրէն եւ դաստիարակ նախակրթարանի եւ երկրորդականի հայկական բաժնին: Պատրաստ են ճամբու ծախքը վճարելէ զատ, հոգալ նաեւ կահաւորուած սենեակի վարձքը եւ ըստ բաւականի յարմար ամսական մը կապել երկուքիդ, լաւ կեանք մը ապրիլ կարենալու չափ: Նախակրթարանը առ այժմ ունի երկու առաջին դասարանները, իսկ երկրորդականը պիտի ունենայ գալ տարի չորրորդ դասարանն ալ:
Մեր դպրոցական տարեշրջանը կը սկսի Մարտի առաջին շաբթուն: Ուրեմն, բաւական ժամանակ ունիք մտածելու: Մինչ այդ սակայն, ղրկեցէ՛ք ձեր հաւանութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նախ գաղափարներ փոխանակել եւ ապա փոխադրութեան կերպի մասին մտածել:
Այո կամ՝ ոչ, արագ պատասխանդ կը սպասեմ ի Պ. Այրէս, ուր պիտի ըլլամ Նոյեմբերի սկիզբները: Գրէ՛ նաեւ, թէ ի՞նչ միջոցաւ կրնամ պատասխանել նամակիդ որ մեր թղթակցութիւնը չընդհատի:
Բոլոր Մուշեանները լաւն են եւ մասնաւոր բարեւներ կը ղրկեն բոլորիդ: Երուսաղէմ եղած ատենս երբ իմացայ որ Արուսեակը[dcxcvii] հոն է, նոյն օրն իսկ այցի գացի. բայց… ի զուր: Արդէն մեկնած են եղեր:
Անհամբեր պատասխանդ սպասելով, կը մնամ ջերմ համբուրիւ
Աղօթարար՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
* * *
Rev. Padre
Harutiun Vrt. Mushian
SOLER 4649
- E. 71-2385 y 71-0509
BUENOS AIRES – ARGENTINA
Պ[ուէնոս] Այրէս, 28 Նոյեմբեր 1976[dcxcviii]
Սիրելի Պէպօ,
Կը պատասխանեմ այսօր, 19 Հոկտեմբեր թուակիրիդ, որովհետեւ, նոր է որ վերադարձայ շրջապտոյտէս եւ մինչեւ որ իմ մտածածս եւ քու ինծի ըրած թելադրութիւններդ հաշուեկշռի ենթարկեմ, պէտք եղաւ ժամանակի: Ահա, այդ ժամանակի լրման է, որ կը պատասխանեմ թէեւ ուշ, բայց հոգեպէս հանդարտ վիճակիս մէջ:
Եթէ նամակիդ մէջ յիշած չըլլայիր Տիգրան Միւրէքեանին[dcxcix] անունը – որուն վրայէն անցնիլ չէիր ուզած – թերեւս տարուէի այն միւս առաջարկէն, որ Հ. Բ. Ը. Միութեանը եղաւ, եւ որու տուած խոստմանը վրայ է որ արդէն գրեցի ես քեզի այդ քանի մը անընթեռնելի տողերը:
Միւրէքեանէն ստացած պատասխանս ինծի միայն վերագրելով, որպէսզի չվշտացնեմ նաեւ քեզ, ի պատասխան նամակիդ կու գամ ըսելու, որ իրաւունք ունիս տեղէդ չշարժելու:
Ես, այդ երկտողիկը գրած էի քեզի, տարուած ազգային մտատանջութենէ, նկատի ունենալով որ Միւրէքեանի մը կամ Հ. Բ. Ը. Միութեան մը պէս հաստատութեան ինծի խոստացած շռայլութիւններէն կրնայ օգուտ մը դուրս գալ: Սակայն սխալած եմ:
Զոյգ այդ հաստատութիւններու[ն] հետ ունեցած իմ մտերիմ զրոյցիս արդիւնքը այն եղաւ, որ ես սխալ առաջարկ ներկայացուցած եմ քեզի, հրաւիրելով որ ստանձնես պարտականութիւն մը, որ քեզմով պիտի փառաւորուէր:
Հազար ներողութիւն խնդրելով ըրած այդ առաջարկիս համար, առ այժմ կ’ըսեմ՝ տեղդ հանգիստ կեցիր: Այս առիթով շատ լաւ ճանչցայ նաեւ մայր կուսակցութիւնը, որ չեմ գիտեր ի՞նչ բանէ տարուած, հրահանգները կը ստանայ Միւրէքեանէ մը եւ առանց անոր գիտակցութեան քայլ չ’առներ:
Առ այժմ այսքան: Իբրեւ նորութիւն ըսեմ, որ Հաճընի ամսագրին խմբագրութիւնը ինծի յանձնեցին: Ուրախ պիտի ըլլայի եթէ գրիչով դուն եւ Ազատուհին օգտակար ըլլայիք հաճընցիական կեանքէ նորութիւններ տալով:
Կը վերջացնեմ գիրս, սպասելով պատասխանի:
Համբուրիւ՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
Էջին վարը ձեռագիր գրուած է.
Յ.Գ.– Թորոնթոյէ գրած նամակս եթէ ստացար, չեղեալ համարէ՛:
[ստոր.` խզբզոց մը]
* * *
Պ[ուէնոս] Այրէս, 7 Յուլիս 1977[dcc]
Պէպօ ջան,
Զարմանալի թուականի մըն է – օր 7, ամիս 7, տարի 77 – որ կը գրեմ այս նամակս, զարմանքէ մը վերջ: Այսօր ստացայ այն նամակս, զոր գրած էի Յունաստանի հասցէով ի մեծ զարմացումն ինծի, բայց նոյն ատեն ալ ի մեծ գոհունակութիւն որ ձեռքդ չէ հասած: Առանց բանալու՝ ներփակեմ զայն. սաքանը միայն ըսեմ, որ աստուածային մատը մեծ դեր խաղցած է այս պարագային ինծի ետ ճամբելով գործելիք ՈՃԻՐՍ…: Կը գրեմ այս տողերը… լալով:
Ինչո՞ւ…:
Վստահելով թէ՛ Հ. Բ. Ը. Մ.ի նախագահի եւ թէ՛ Տիգրան Միւրէքեանի խօսքերուն, միամտաբար հրաւիրեցի քեզ պաշտօնի. դու[ն] մի՛ ըսեր, առաջինը արդէն իր անդամներէն մէկը հրաւիրած է Պաղտատէն Գէորգ Մարաշլեան[dcci] անունով, իսկ Տիգրանն ալ՝ Սամօ Սարգիսեանը, որ այժմ կը տանի «Շարժում»ի խմբագրութիւնը, զոհը ըլլալով Տիգրանի խոստումին: Ա՜խ, Աստուած իմ, ես որքա՞ն բարիք գործած եմ, որ անոնց փոխարէն այս բարիքը ըրիր, ոճիրս ետ դարձնելով…: Հազա՛ր փառք: Գիտէի, թէ մարդը չէ այն՝ ինչ որ կը ցուցնէ. սակայն այս աստիճան ալ ըլլալէն պեխապէր[dccii] էի: Ինչ որ է:
Քանի որ հիմա նամակներ կ’երթան-կու գան, պիտի խնդրէի որ տեղեկութիւններ տայիք ձեր մասին:
Եղբայրական ամենաջերմ համբոյրներով, գրոյդ սպասող
Հարազատդ՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
* * *
Rev. Padre
Harutiun Vrt. Mushian
SOLER 4649
- E. 71-2385 y 71-0509
- P. 1425 BUENOS AIRES
ARGENTINA
Պ[ուէնոս] Այրէս, 3 Ապրիլ 1979[dcciii]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Սամօ-ին հետ ուղարկած «Կանաչներու Առասպելը» իմ անունիս մակագրուած, թէեւ սիրով ստացայ, եւ սակայն յուզումով լեցուեցայ, երբ անոր ընթերցման աւարտին անգամ մը եւս զգացի եղբայրական իմ մեծ թերացումս, զոր ունեցայ ձեր նկատմամբ, Լիբանանի ճգնաժամային չորս տարիներուն ընթացքին:
Ինծի ձօնուած հատորի մասին պիտի չարտայայտուիմ, քանի որ այդ ոգեշնչեալ մտաերկունքին մէջ բարոյական սլաքներու այնպիսի հարուածներ կան, որոնցմէ մէկուն ես ալ արժանի եմ, չորս տարիներով խոր լռութիւն պահելով մանաւանդ ձեր նկատմամբ:
Ուրախ եմ, որ Սամոյէն ձեր անցուցած տանդէական կեանքին վերահասու եղայ, իր ունեցած դրական արտայայտութեանց ընդմէջէն:
Գիրս եթէ ձեր ձեռքը հասնի – թերեւս հրաշքով – ու Դուք բարի ըլլաք պատասխանել իմ նոր հասցէիս, ձեզի համար պիտի մնամ
Աղօթարար՝
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ծ. Վ. ՄՈՒՇԵԱՆ
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
ՆՈՐ ՀԱՃԸՆ
“NOR HADJIN”
Revista Informativa – Fundada en 1932
UNION COMPATRIOTICA ARMENIA
DE HADJIN
Casilla de Correo 145 – Sucursal 3
Buenos Aires – Republica Argentina
Պ[ուէնոս] Այրէս, 15 Մարտ 1980[dcciv]
Սիրելի Պէպօ,
«Հեքիաթ Հայաստանի Մասին» գրքոյկդ եւ նամակդ ուշացումով ստացած ըլլալուս, քիչ մը ուշ կը պատասխանեմ: Ուշ՝ նախ դպրոցական վերամուտով եւ ապա Նոր Պատուիրակի[dccv] ընդունելութեան գործերով չափէն աւելի զբաղ ըլլալուս:
Մէկ շունչով կարդացի հեքիաթդ եւ իւրաքանչիւր էջը դարձուցած պահուս մտածեցի, թէ իրապէս դպրոցականներու համա՞ր գրուած է, թէ ոչ՝ տարեցներու: Գաղափարդ հրաշալի է. սակայն կ’երեւի նկատի ունեցած ես միայն Լիբանանի աշակերտները, որոնք եւս վստահ եմ, շատ դժուարութեամբ պիտի կարենան ըմբռնել զայն:
Սիրով պիտի ուզէի օգտակար հանդիսանալ քեզի, սակայն կը ցաւիմ ըսելու, որ պիտի չկարենամ, քանի որ գործածած ոճդ տարեցներուն անգամ դժուար ըմբռնելի պիտի ըլլայ. եւ արդէն քանի՞ տարեցներ կան, որ կրնան գնել: Հոս գրքին կարեւորութիւն տուող չըլլալուն, ես 25 տարի է որ գիրք չեմ հրատարակեր: Վերջինը եղաւ «Ծաղկեալ Հայաստան»ս:
Յուսամ չես վշտանար:
Ընտանեօք մտահոգ ենք ձեզմով: Ամէն եկողէ կը հարցնենք ձեր մասին. անոնք որոնք կը ճանչնան, ինչպէս Տէր Հայրը, տուին լուրերնիդ: Սակայն դեռ ո՞րքան պիտի տեւէ այս կացութիւնը…: Աստուած իմ…:
Մենք լաւ ենք եւ եոլա կ’երթանք:
Համբուրելով քեզ, Ազատուհին եւ ձագուկներդ, մնամ
Եղբայրօրէն`
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
Յարութիւն Ծ. Վրդ. Մուշեան
* * *
Պ[ուէնոս] Այրէս, 23 Յուլիս 1980[dccvi]
Սիրելի Պէպօ,
Պատասխանելով քու Յունիս 6 թուակիր նամակիդ, կու գամ յայտնել իմ ուրախութիւնս, որ մեծ յաջողութիւն է գտած քու հրատարակած գիրքդ եւ պատրաստ ես մամուլին յանձնելու վերջին գրութիւնդ ալ:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ հայ գրականութեան բերած վաստակիդ համար մանաւանդ Լիբանանի ճգնաժամային[dccvii] տարիներուն. երբ ուրիշներ արիւն կը թափեն կեանքեր հնձելով, դուն մելան կը թափես մտքի զաւակներ ծնելով:
Ըսեմ՝ վարձքդ կատա՛ր եւ գրիչդ անսպա՛ռ:
Մեծ հրճուանք պատճառեց ինծի անձնապէս Ազատուհիին Էմ. Էյ.ի[dccviii] տիտղոսին արժանանալու լուրը: Կը մաղթեմ աւելի բարձրերը, որոնց արժանի է իրապէս ինք: Յուսամ յետ այսու[dccix] ինք ալ կը սկսի գրիչ շարժել: «Նոր Հաճըն» ամսագրին համար պէտք ունիմ իր մտքի երկունքներուն: Թող գրէ գոնէ ամիսը մէկ կտոր եւ կարճ բովանդակութեամբ: Կարծեմ ուզածս մեծ բան մը չէ իրեն համար, երբ մանաւանդ գրելու դժուարութիւն մը չունի:
Այցելելու փափաքդ իմ ալ սրտէս կը պոռթկայ, սակայն որո՞ւն կրնամ վստահիլ: Կուսակցութիւնը միայն Միւրէքեան մը ունի, որ կրնայ իրականութիւն դարձնել, ան ալ անտարբերին մէկն է:
Մենք լաւ ենք եւ եոլա կ’երթանք: Ընդունէ՛ բոլորիս ջերմագին համբոյրները եւ առատապէս բաշխէ մեծէն մինչեւ փոքրը:
Եղբայրօրէն՝
[ստոր.՝ ՅարութծվրդՄուշեան]
* * *
- Սուրէն Մուրատեանէն
Երեւան, 25 Դեկտեմբեր [19]72[dccx]
Սիրելի Պէպօ,
Սրտանց շնորհաւորում եմ
Ձեր Նոր տարին.
Ցանկանում եմ
երջանկութիւն, առողջութիւն
եւ նորանոր
յաջողութիւններ
կեանքում
Միաժամանակ ցանկանում եմ ստեղծագործական մեծ եռանդ:
Բարի մաղթանքներով՝
Սուրէն Մուրատեան[dccxi]
[էջին վարը, ձախին, դրոշմուած է «Սովետական Հայաստան» ամսագիրի ուղղանկիւն կնիքը]
* * *
- Եդուարդ Յակոբեանէն
Գահիրէ, 15 Դեկտեմբեր [19]82[dccxii]
Տէր եւ տիկ. Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններ,
Պէյրութ.
Թանկագին եւ սիրելի բարեկա[մ]ներ,
Անհուն շնորհակալութեամբ ստացանք ձեր ղրկած զոյգ նամակները, որոնց բովանդակութիւնը հոգեկան մեծ բաւարարութիւն պատճառեց:[dccxiii] Ձեր փաղաքշական եւ այնքա՜ն ջերմ խօսքերը, որոնք, վստահ եմ, գրուած են սրտի թելադրանքով, բազմապատկուած կը վերադարձնեմ ձեզի, զանոնք կնքելով մեր երկուքին սիրոյ եւ անխախտ բարեկամութեան լուսապսակով:
Գիտեմ թէ Եգիպտոսը վրադ աւետեաց երկրի մը տպաւորութիւն չձգեց, եւ եգիպտահայութիւնը՝ իր անցեալի մտաւոր փառքէն մերկացած, ցոյց տուաւ իր հոգիի եւ մտքի ամբողջ ամայութիւնը: Սակայն մենք այն մխիթարութիւնը ունինք, որ գոնէ ձեր սիրտը քչիկ մը զովացաւ՝ այդտեղ գտնելով իրաւ բարեկամներու մտերմիկ ովասիս մը…
Մենք պատճառ մը չունինք դժգոհ ըլլալու մեր կեանքէն, կը շարունակենք մեր զբաղումները: Հայրենիքէն հրաւէր ստացայ յառաջիկայ տարուան աշնան հեղինակային համերգ մը կազմակերպելու Երեւանի մէջ:
Այլեւս կանոնաւորաբար մեր ձեռքը կ’անցնի «Արարատ»ը: Ձեր յօդուածը Հայկական Ընթ.ի[dccxiv] մասին լոյս տեսաւ «Ջահակիր»ին մէջ: Բարի լուրեր կը սպասենք ձեզմէ:
Նոր Տարուան առթիւ, ընդունեցէ՛ք, սիրելինե՛ր, առողջութեան եւ յաջողութեան մեր մաղթանքները: Թող ձեր գրիչը եւ խօսքը միշտ դալար մնան: Պաչիկներ պզտիկներուն:
Լաւագոյն զգացումներով եւ կարօտով՝
Մարկօ եւ [ստոր.՝ ԵՅակոբեան]
* * *
Գահիրէ, 15 Փետր[ուար] 1991[dccxv]
Տիար Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Թանկագին եւ սիրելի բարեկամ,
Սրտի անհուն մորմոքով է, որ կը փորձեմ շարժել գրիչս կարենալ արտայայտելու[dccxvi] համար մտածումներս:
Աննման Մարկօս ոչ եւս է: Վիշտս անհուն է, անպարագրելի: Ամբողջ էութեամբ խորտակուած եմ եւ անզօր՝ յոյզերս արտայայտելու: Այո՛, Մարկօն, անուշիկ Մարկօս, որ համակ սէր էր, ծով բարութիւն, սակայն ստոյիկեան համակերպութեամբ մը, կ’ապրէր յոյսով ու հաւատքով: Սակայն դժխեմ ճակատագիրը տարբեր տնօրինեց եւ զինք խլեց իր հարազատներէն անժամանակ, խոր սուգի մատնելով բոլոր զինք ճանչցողները: Ազգային Իշխանութեան կարգադրութեամբ, կատարուեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւն եւ ան թաղուեցաւ համազգային սուգի եւ սիրոյ համանուագի մը մէջ:
Անմխիթար եմ, որովհետեւ Մարկօն ինծի համար ոչ միայն հոգատար կողակից մըն էր, գաղափարակից ընկեր մը, այլեւ գորովագութ քոյր մը եւ թանկագին գործակից մը: Ան ամբողջ էութեամբ ներթափանցուած իր ստանձնած պարտականութեանց նուիրականութեանց գիտակցութեամբ, իր ամուսնական եւ այլ ընկերային պարտականութեանց առընթեր, իր ողջ կեանքը՝ անմնացորդ սիրով ու ուժականութեամբ, նուիրաբերեց հայ մշակոյթի տարբեր երեսներուն եւ Հայաստանեայց Եկեղեցիին, միշտ մնալով համեստութեան ծիրէն ներս: Հակառակ որ աւելի քան երեք ամիսներ անցած են անոր մահէն ի վեր, սակայն ժամանակը անկարող եղաւ ամոքել ցաւս, որ օրէ օր աւելի կ’ուռճանայ՝ սիրտս պայթեցնելու աստիճան:
«Մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով», կ’ըսէ ժողովրդական իմաստուն առածը: Պարտաւոր եմ համակերպիլ կեանքի հրամայականին: Պիտի ջանամ ստեղծագործական աշխատանքովս վառ պահել աննման կնոջս անթառամ յիշատակը եւ միաժամանակ ցոյց տալ անոր բերած նպաստը յատկապէս հայ երաժշտական մշակոյթին:
Յաւէտ ողբացեալին յիշատակը յաւերժացնելու համար, որոշուած է «Յիշատակ-ալպոմ» մը լոյս ընծայել: Ինծի համար հոգեկան մխիթարութիւն պիտի ըլլար այդ ալպոմին մէջ տեսնել կուսակցական ընկերոջ մը սրտաբուխ գիրը, որուն համար կը յայտնեմ կանխայայտ շնորհակալութիւններս:
Սրտագին ողջոյններս ազնիւ տիկնոջդ:
Բարեկամական լաւագոյն զգացումներով՝
[ստոր.՝ ԵՅակոբեան]
.
Յ.Գ.– Ասկէ քանի մը ամիսներ առաջ, ապահովագրուած փոսթով քեզի անձնապէս եւ «Արարատ»ի խմբագրութեան ղրկած էի ներքեւի թերթերու կտրօններուն կրկնօրինակները, գրութեամբ մը: Վստահաբար, հաղորդակցութեան խանգարումներու պատճառով, այդ նիւթերը ձեր ձեռքը անցած չեն:
Մարկոյին նկարը՝ «Արարատ»ին համար:
[ստոր.՝ կապգիր ԵՅ]
* * *
- Յովհաննէս Մարդէն
Թեհրան, 14 Հոկտեմբեր 1968[dccxvii]
Սիրելի պ. Պէպօ Սիմոնեան,
Թանկագին գրչեղբայր,
Բաւական ժամանակ է ինչ ստացել եմ Ձեր «Նախերգանք – Քերթւածքներ» գիրքը: Անչափ ցաւում եմ, որ հիւանդութեանս պատճառով (գլխի անհանգստութիւն) չեմ կարողացել շուտ պատասխանել, սպասելով առողջանալուս: Քանի որ շուտ լաւանալու յոյս չկայ, ուստի որոշեցի այս մի քանի տողով իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Ձեզ, Ձեր ուշադրութեան համար: Քանի որ ես չեմ կարողանում ոչ կարդալ եւ ոչ ել գրել համարեա թէ, ուստի գիրքդ տւել եմ, որդիս է կարդացել ինձ մօտ եւ՝ երեք անգամ: Քերթւածքներդ շատ լաւ են եւ յաջող, որոնց համար ի սրտէ ողջ[ու]նում եմ Ձեզ:
Ցանկանալով Ձեզ էլ յաջողութիւններ…
Սրտագին բարեւներով եւ ջերմ զգացումներով՝
Յովհաննէս Մարդ[dccxviii]
* * *
- Յովհաննէս Շիրազէն
[Երեւան, հաւանաբար 1970-ականներու ա. կէս][dccxix]
Պէյրութի Ռուբինեան Վարժարանին.
Սիրելի Պէպօ,
Խնդրում եմ իմ շնորհակալիքն ու սրտագին ողջոյնները յանձնես քեզ, ողջ ուսուցչական աստղահոյլիդ եւ բոլոր-բոլոր աշակերտ-աշակերտուհիներին:
Այն առիթով, որ ամէնքդ անարձագանգ չէք թողել իմ ծննդեան օրուայ անլեզուակ զանգի Համազգային «Լռութիւնը»:
Համբոյրներս կբերեմ ձեզի, ամէնքիդ, ողջ ազնիւ սփիւռքին, երբ գամ…
Յովհաննէս Շիրազ
* * *
- Հրաչ Չիլինկիրեանէն
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
100 Brondesbury Villas # 5. London NW6 6AD. 0171-625 8927. email: hratch@lse.ac.uk
Լոնտոն, 1 Դեկտեմբեր 1995[dccxx]
Շատ սիրելի ընկեր Պէպօ,
Կ’ուզեմ շնորհաւորել վերջերս Ս. Դ. Հ. Կ.ի բարձրագոյն ղեկավար մարմինին անդամ ընտրուելուդ առթիւ: Յուսադրիչ է այն երեւոյթը որ կուսակցական շարքայիններ գիտակցութիւնը ունեցած են (պահ մը իրենց քողարկուած անձնական շահերը մէկդի դնելով) տեսնել իրենց շրջապատի իսկական ոյժերը:**
Ինչպէս ասկէ առաջ արտայայտած եմ, հասարակական կեանքի, իմացական ներաշխարհի եւ ազգային կեանքի փորձառութեամբ կոփուած գոհարներ շատ քիչ են մեր իրականութեան մէջ: Ինչպէս բնութիւնը եւ կեանքը կը վկայեն, գոհարը իր արժէքը չի կորսնցներ եւ կը մնայ իբրեւ արժէք յաւերժօրէն: Գոհարի մը գեղեցկութիւնը անհատներէ վեր բնորոշուած իրականութիւն մըն է, եւ այդ իսկ պատճառով գոհար անձերու բազմասլացք շողարձակները կը լուսաւորեն անհատներու հասարակական կեանքը: Եւ վերջապէս, այդ գոհարի մաքուր եւ բռնաբարիչ անհատապաշտութենէ չպղծուած պրիսմակով միայն կարելի է տեսնել գերագոյն շահերը ժողովուրդին:
Մարդիկ երբ «մեծ»երու առջեւ կանգնին, իրենք զիրենք «փոքր» կը զգան ու իրենց գաճաճացեալ հոգեբանութեամբ կը փորձեն «մեծ»ին խիզախ քայլերուն տակ փոսեր փորել կասեցնելու համար անոր որոշադրիչ եւ անշահախնդիր երթը: Բայց «մեծ»ը կը մնայ մեծ: Մարդոց անոր շուրջ փորած փոսերը կը դառնան նոր ակօսներ ուր «մեծ» արժէքներ առաւել եւս կ’արմատաւորուին ու կը դառնան հունձքի նոր արգասիքներ: Առանց անդրադառնալու՝ փոս փորողը միշտ իր հասակին չափով կը փորէ, որովհետեւ ուշ կամ կանուխ ինքն է որ այնտեղ պիտի իջնէ: Մեծութիւնը համամարդկային արժէքներու քանակական ու որակական ներդաշնակութեան մէջ է:
Կասկած չունիմ որ այն «ակօսները» որ անցնող տարուայ ընթացին մարդիկ փորեցին քու ճանապարհիդ վրայ, պիտի ծաղկին քանակական ու որակական իմաստով, եւ անգամ մը եւս մարդիկ իրենք զիրենք բարոյակրճատուած ու «փոքրահասակ» պիտի տեսնեն արդարութեան ու ժամանակի հայելիին առջեւ:
Կ’ուզեմ վստահեցնել որ մեր ազգականական կապէն[dccxxi] անդին, քու իսկական, ազնուական ՄԱՐԴու տիպարդ օրինակելի տիպար մըն է ինծի համար: Երեւոյթ մը որ յաճախ դժուար է տեսնել արդի կեանքի փոշիներուն մէջ:
Կ’ուզեմ առիթէն օգտուելով մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնել «Նայիրի»ի մէջ հրատարակուած իմ հարցազրոյցիս համար: Սքանչելիօրէն մշակուած գաղափարներս շատ լաւ համադրած ես: Երանի՜ անոնց որ քու գրիչիդ մտքի ու հոգիի լուսանցքին մէջ տեղ գտած են:
Նորանոր յաջողութիւններուդ վստահութեամբ եւ անկեղծ սիրով՝
[ստոր․՝ Հրաչ]
** Անշուշտ այս բոլորը ի հեճուկս կարգ մը ճզմուող անհատականութիւններու: Յուսանք որ անոնց կոտրուած թեւերու փետուրները շուտով կը վերաճին համահայկական շահերու գերադասութեան բալասանով եւ կը միանան Ս. Դ. Հ. Կ.ի «նոր» թռիչքին, որուն սլացքը պէտք է ըլլայ «սոցիալական», այսինքն ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար:
Այսօրուայ աշխարհի յետ-սառը-պատերազմեան շրջանը կղզիացումի «դենտենց»ներով ողողուած է: Մարտահրաւէրը «կլոպալիզմի» (աշխարհահամայնութեան ?) մէջն է: Կը մնայ նայիլ մեր պատմութեան եւ չկրկնել անվերադարձ, պատմական նշանակութիւն ունեցող առիթներու կորուստը:
Յ.Գ.– Կը ներես հայերէնի սխալներս: Պէտք է ըսել որ այս վերջին տարիներու մեր մտերմութեան հետեւանքով, հայերէնով գրելու եւ արտայայտ[ու]ելու փափաքը աւելի կը զգամ: Ձեւով մը կ’ուզեմ փորձել «խօսիլ» քեզի յատուկ «կնիք» դարձած «լեզուն»: Կը փորձեմ…:
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
HratchT@aol.com, 04:07 PM 02/10/9, from Boston
X-POP3-Rcpt: akalayj@flame
Date: Thu, 2 Oct 1997 16:07:02 -0400 (EDT)
From: HratchT@aol.com
Subject: from Boston
Boston, 2 October 1997[dccxxii]
Sireli Mokur,
Hello from Boston! I just sent an email to Dikran and gave him some KHABRIGs… I wanted to drop you a line to establish contact with you at LAU. Thank you very much for faxing me Bebo’s article on Zoryan. It is excellent. Beyond being published in “Nayiri”, it is also a very useful for us here to use for promotional purposes here.
Hope all is well.
Hratch
* * *
- Զաւէն եւ Լիւսի Պալայեաններէն
Գահիրէ, Դեկտ. 1983[dccxxiii]
Սիրելինե՛ր,
Ձեզմէ բաւական ժամանակէ լուր չունինք, հաւանաբար պատճառը ձեր երկրին անկայուն վիճակն է: Կը մաղթենք որ Լիբանան վերագտնէ իր հանդարտութիւնը, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները եւ թղթակցութիւնները ըլլան աւելի սերտ:
«Ջահակիր»ի հիմնադրութեան 35-ամեակը եւ Նոր Շրջանի հրատարակութեան 20-ամեակը[dccxxiv] փառաւոր տօնեցինք, չեմ գիտեր թէ «Արարատ» անդրադարձա՞ւ այդ մասին: Երբ այո, կարելի՞ է օրինակ մը պահարանի մէջ դնելով մեզի ուղարկեցէք. դեռեւս մենք այդ թիւը չստացանք:[dccxxv]
Կը յուսամ թէ բոլորդ հանգիստ էք եւ զբաղած Ձեր գործերով: Գալով մեզի, փառք Տիրոջ, ամէն ինչ լաւ կ’ընթանայ։ Ես արդէն հանգստեան կոչուեցայ դրամատանս աշխատանքէն եւ հիմա աւելի լծուած եմ թեթեւ եւ սրահի[dccxxvi] աշխատանքներուն: Լիւսին մասնաւոր բարեւներ ունի բոլորիդ:
Սիրով՝
Զաւէն
Մեր սիրելի
Տէր եւ տիկին Պէպօ Սիմոնեանին եւ զաւակներուն
Vœux joyeux
Pour Noël
et le
Nouvel An
Զաւէն եւ Լիւսի Պալա[յ]եան
* * *
- Վլադիմիր Պետրոսեանէն
Երեւան, 26 Յունիս 1999[dccxxvii]
Մեծարգոյ Պէպօ Սիմոնեան,
Սիրելի ընկեր ու բարեկամ,
Բոլորովին վերջերս տեղեկացայ, որ ենթարկուել էք սրտի վիրահատութեան: Իմացայ նաեւ, որ հիմա Դուք Ձեզ լաւ էք զգում, ինչի համար անչափ ուրախ եմ:
Ուրախ եմ նաեւ նրա համար, որ Դուք լինելով ուժեղ կամքի տէր, նոյնպիսի եռանդով շարունակում էք մասնակցել սփիւռքի համար կարեւորագոյն հարցերի լուծմանը:
Ես դրանում համոզուած եմ ու հաւատում եմ, որովհետեւ Ձեր նման ազգային մտաւորականը, մշակութային գործիչը, հայեցի կրթութեան ջատագովը դեռ շատ անելիք ունի հայապահպանման գործում: Այս առումով ճակատագիրը Ձեր վրայ դրել է մեծ պատասխանատուութիւն, եւ դրա համար էլ Դուք հիւանդանալու շռայլութիւնից օգտուելու իրաւունք այլեւս չունէք:
Սիրելի ընկեր, Դուք դեռ շատ գործեր ունէք եւ դրանց իրականացման համար մաղթում եմ Ձեզ ամուր առողջութիւն: Համոզուած եմ, որ առիթ կունենանք Ձեզ հետ նորից հանդիպել[ու] հայրենի Հրազդանի կիրճում:
Յարգանքներով՝ [ստոր.՝ ՎՊետրոսեան]
* * *
- Արշամ աւագ քահ. Պոզոյեանէն
ԱՐՇԱՄ ՔՀՆՅ․ ՊՈԶՈՅԵԱՆ Շնորհաւոր Նոր Տարի
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ Ս․ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ եւ
ՎԻՍԵՆԹԷ ԼՈԲԵՍ Սուրբ Ծնունդ
Վիսենթէ Լոբես,[dccxxviii] 21 Դեկտ[եմբեր] 1987[dccxxix]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ Սիմոնեան,
Մայր Հայրենիք միամսեայ մեր հանդիպումներէն ունիմ լաւագոյն տպաւորութիւններ եւ յուշեր Ձեր համակրելի անձնաւորութենէն:
Ձեզ կը ճանչնայի Ձեր գրական երկերէն, ուրախ եմ, որ մայրենի Սրբազան հողին վրայ Ձեզ ճանչցայ նա՛եւ անձնապէս:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով՝ ընդունեցէ՛ք ջերմ շնորհաւորութիւններս: Ի սրտէ կ’աղօթեմ, որ Տէրը Ձեզի եւ Ձեր հարազատներուն շնորհէ քաջառողջ եւ երջանիկ կեանք:
Յաջողութեան մաղթանօք,
Աղօթարար՝
[ստոր.՝ Ա. Աւ. Քհնյ. Պոզոյեան][dccxxx]
Տնօրէն Գույումճեան Մանկապարտէզի
եւ Դերձակեան Երկրորդական Վարժարանի
Վիսենթէ Լոբես – Պուէնոս Այրէս
(Ներփակ կը գտնէք երկու նկար՝ հայրենի մեր ապրումներէն):
Յ.Գ.– Կը բարեհաճէի՞ք, պրն. Պէպօ Սիմոնեան, Սահակեան Լիսէի ե՛ւ նախակրթարանի, ե՛ւ երկրորդականի «Ներքին կանոնագրէն» եւ «Կրթական ծրագրէն» մէկ-մէկ օրինակ ղրկել ինծի:
Մեծապէս երախտապարտ կը մնայի Ձեզի:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ,
Ձերդ՝
[ստոր.՝ Ա. Ա. Քհնյ.]
Կրթական Ծրագիր՝ միայն հայագիտական առարկաներու:
* * *
- Անի Պուճիգանեանէն
Ռաուտա – Լիբանան, 13 Փետրուար [19]92[dccxxxi]
Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,
Տնօրէն Ս.-Լ. Մ. Գոլէճի,
Աստ.
Յարգելի պր. Սիմոնեան,
Ստորեւ կը փորձեմ տալ Ձեր խնդրած հարցումներուն պատասխանը:
– «Սահակեան»ը աւարտելէ ետք յաճախած եմ Maison Centrale des Filles de la Charité a Collège Protestant Français:
– Համալսարանին մէջ, St. Joseph, նախ ուսանած եմ դեղագործութիւն, ապա ընկերային ծառայութիւն:
– Թէ ինչո՞ւ ընկերային ծառայող դարձած եմ՝ բարդ է ինծի համար եւս: Կը խորհիմ թէ առաւելաբար արդարութեան գաղափարէն մղուած: Այն ինչ որ ստացած եմ իբր գիտութիւն, ինծի չի պատկանիր եւ բաժնելու եմ ուրիշներու որքան որ կրնամ, նիւթականէն աւելի անձովս եւ ժամանակովս:
Դպրոց հասնելու դժուարութիւն չունիմ:
Շնորհակալութիւն հրաւէրին համար:
Յարգանօք՝
Անի Պուճիգանեան[dccxxxii]
* * *
- Գրիգոր Ջանիկեանէն
Երեւան, 14 Դեկտեմբեր [19]89[dccxxxiii]
Սիրելի Պէպօ,
Ուրախութեամբ ստացայ ծրարդ: Շնորհակալություն իմ գրութեանս եւ մանաւանդ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի մը պէս ճարտարապետի հանդէպ ցոյց տրուած ուշադրութեան համար: Նման վերաբերմունքը իրեն տղային ալ շատ յուզեց, որ, ինչպէս գիտես, մեր երազի արձանին ճարտարապետն է: Բանաստեղծութիւնդ վաղը պիտի յանձնեմ Վ. Պետրոսեանին [Վարդգէս Պետրոսեան։], որին այդ մասին խօսած էի դեռ հոս եղած ատենդ, եւ որը անհամբերութեամբ կը սպասէ: Խնդրած ես մեր հանդէսին[dccxxxiv] լոյս տեսած թիւերը: Երջանիկ ես, Պէպօ՛, որ չես գիտեր, չես պատկերացներ, թէ ինչ ըսել է շրջափակում. մենք արդէն թիւ 12-ը տպարան յանձնած ենք, բայց թուղթ Հայաստան չհասնելու պատճառով երրորդ թիւն անգամ չենք կրցած տպագրել:
Այստեղի ձեր (եւ մեր) տղաքը[dccxxxv] շատ հետամուտ եղան, որ «Արարատի» բացառիկի համար նիւթ տամ: Չուզեցայ չարաշահիլ ձեր սուղ էջերը, ատկէ զատ յիշեցուցի իրենց, որ ես քեզի երկու՝ իմ վերջին շրջանի լաւագոյն նիւթերս յանձնած եմ, որոնք ըստ քու ճաշակիդ եւ նախասիրութեանդ ազատ ես օգտագործել բացառիկի համար: Մանաւանդ որ երկուքն ալ դեռ հոս հրատարակուած չեն եւ շրջափակման այս պայմաններու մէջ յայտնի չէ, թէ ե՞րբ պիտի տպագրուին:
Առիթէն օգտուելով կուզեմ շնորհաւորել քո եւ ընտանիքիդ Նոր Տարին, Ս. Ծնունդը, մաղթելով, որ 1990 թիւը ձեր եւ համայն հայութեան համար ըլլայ մեծ երջանկութիւնների եւ յաջողութիւնների տարի: Նոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցէ նաեւ եղբօրդ՝ մեր սիրելի Գրիգորին:
Սիրով եւ ջերմութեամբ՝
[ստոր.՝ Գր. Ջանիկեան]
* * *
- Վարուժան Սալաթեանէն
Դամասկոս, 20 Ապրիլ 1997[dccxxxvi]
Յարգելի պր. Պէպօ Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Շատ մեծ գոհունակութեամբ Ձեզ[ի] եւ Ձեր տիկնոջ անձամբ ծանօթացայ: Նախապէս շատ լսած էի Ձեր գործունէութեան մասին, եւ կարդացած Ձեր գրութիւնները: Շնորհակալ եմ Ձեր նուիրած մակագրած գրքերուն համար որոնք շատ հետաքրքրական են: Կը մաղթեմ Ձեզի նորանոր յաջողութիւններ:
Ներփակ կը գտնէք ծրար մը գրութիւններու որ ուղարկած եմ Ս. Դ. Հ. Կ.եան ղեկավարութեան, Պէյրութ, Դամասկոսի Ձեր ընկերներու[ն] միջոցաւ: Գրութիւնները կը վերաբերին «Երեւանի մէջ արաբ երախտիքը խորհրդանշող յուշարձան մը կանգնեցնելու ծրագրին մասին» եւ կը պարզեն մեր պատկերացումը այդ ծրագրին: Առ այժմ պէտք չէ հրապարակաւ խօսուի այս մասին մինչեւ որ նախապատրաստական քայլերը ամբողջութեամբ առնուած չըլլան:
Ձեր խորհուրդները եւ դիտողութիւնները այս ծրագրի մասին գնահատելի կ’ըլլային:
Տրուած ըլլալով որ Ձեր ղեկավարութեան անդամները անձամբ չեմ ճանչնար, ուզեցի Ձեզ անհատապէս տեղեակ պահել խնդրին, այն յոյսով եւ վստահութեամբ որ կը յանձնարարէք եւ կ’երկրորդէք այս ծրագիրը Ձեր ղեկավարութեան մօտ: Այս օրերուս, սուրիահայութեան համար, եւ մանաւանդ հայրենասէրներուս, ասիկա շատ կարեւոր ձեռնարկ մըն է որ ամէն գնով պէտք է յաջողցնել:
Վստահ եմ լսեցիք վերջին շրջանին Դամասկոսի եկեղեցւոյ տագնապին մասին։[dccxxxvii] Բարեբախտաբար առ այժմ հարցը լուծուեցաւ, հիմնական եւ վճռական օժանդակութիւն բերին ձերինները[dccxxxviii] որոնց միջամտութիւնը անգնահատելի էր: Եթէ չըլլար միասնական եւ անկեղծ համագործակցութեամբ աշխատանք, դժուար թէ յաջողութիւն ձեռք ձգել կարելի ըլլար:
Նոյնպէս վերոյիշեալ ծրագրին յաջողութեան համար պիտի ձգտինք միաւորել բոլոր հայրենասէր ուժերը:
Շատ բարեւներ Ձեր տիկնոջ որուն Դամասկոսի մէջ ունեցած ելոյթը շատ մեծ եւ դրական արձագանգ ունեցաւ:
Յարգանօք՝
[ստոր․՝ կապգիր ՎՍ] Վարուժան Սալաթեան[dccxxxix]
- P. 11961
Damas, Tel. 6663512 – 6663383
* * *
- Յարութիւն Սաղըրեանէն
Փասատինա, 9 Նոյ[եմբեր] 1980[dccxl]
Սիրելի Պէպօ,
Միշտ միտքս ես եւ սակայն հազիւ ժամանակ մը գտայ այս իրապէս կարճ երկտողը քեզի ղրկելու: Ամերիկայի իմ տպաւորութիւններուս մասին օր մը երկար կը գրեմ քեզի: Ինչպէս կը տեսնես, հոս ալ ձերիններուն հետ եմ, եւ այս դասախօսութեանս ընթացքին, քու ողջոյններդ փոխանցեցի ներկայ հասարակութեան, եւ քու «տագնապ»դ մասնաւոր յաջողութիւն գտաւ: Սլայտներու ընկերակցութեամբ արտասանեցի «Տագնապ»ը, Սիամանթոյի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի կողքին: Մօտ ատենէն նորութիւններ նաեւ կ’իմանաս այստեղի հնչակեան կեանքի մասին… Բարեւներս Ազատուհիին:
Յաջողութիւն քեզի դժուարին առաքելութեանդ մէջ:
Սիրով՝
[ստոր.՝ Յար Ս]
* * *
- Կարօ Սարաֆեանէն
Մարրաքէշ, 6 Փետրուար [19]94[dccxli]
Յանձնելի Պէպօ Սիմոնեանին
Սիրելի Պէպօ,
Կը յուսամ 20 հատորները իրենց վայրը հասան: Տիրանին[dccxlii] հետ տեսնուեցայ Դամասկոս, պէտք եղածը պիտի ընէր: Անկէ ի վեր լուր չունիմ: Այս ամսուան վերջը Փարիզ կ’ըլլամ: Կը գրեմ քեզի:
Բարեւներ բոլորիդ:
[ստոր.՝ Կ. Սարաֆեան][dccxliii]
Journal “Ararat”
Boite Postal 756
Beyrouth
LIBAN
* * *
Փարիզ, 25 Փետրուար 1994[dccxliv]
Սիրելի Պէպօ,
Այժմ Փարիզ կը գտնուիմ, վերջապէս: Հասցէդ չունենալով, «Արարատ»ի միջոցաւ կը յղեմ այս նամակը: Յուսամ թէ լաւ էք հանդերձ ընտանեօք:
Քեզի երկու քարթ ղրկած էի, մին Եգիպտոսէն, միւսը Մարոքէն, միշտ «Արարատ»ի հասցէով, կը յուսամ ձեռքդ հասան, որոնց մէջ կը հետաքրքրուէի 20 հատորներու խնդրով թէ ի՛նչ եղան: Տիրանը անձամբ տեսայ Դամասկոս, խոստացաւ հարկ եղածը տնօրինել: Խնդրեմ գրէ՛ ինծի այս մասին: Հասցէս՝ Sarafian G․ 25, rue des Fêtes, 75019 Paris (France):
Միջերկրականը եզերող 15 երկիրները այցելելով, ամբողջ շրջանը կատարեցի եւ վերադարձայ Փարիզ: Բաւական յիշատակներ, նկարներ եւ գրութիւններ ունիմ… Չեմ գիտեր յաջորդ ճամբորդութիւնը ե՞րբ պիտի կարենամ կատարել:
Յարգանքներս ազնիւ տիկնոջդ, համբոյրներ երկու կտրիճ զաւակներուդ, եւ քեզի՝ յարատեւ աշխատանք, անվհատ կորով եւ ընկերական բարեւներ:
[ստոր․` Կ. Սարաֆեան]
Յ.Գ.– Մի՛ մոռնար ջերմ բարեւներս հաղորդել «Արարատ»ի խմբագրութեան եւ ընկերներուն:
[ստոր․` ԿՍ]
* * *
Sarafian G.
25, rue des Fêtes
75019 Paris
Փարիզ, 25 Ապրիլ 1996[dccxlv]
Սիրելի Պէպօ,
Երէկ ստացայ «Նայիրի» շաբաթաթերթը: Շնորհակալութիւն գրած յօդուածիդ համար: Թերթը ճոխ եւ լուրջ ըլլալու տպաւորութիւնը տուաւ. անշուշտ Ժիրայր Նայիրիի տնօրինութեան տակ այլ կերպ չի կրնար ըլլալ: Կը յարգեմ Ժիրայր Նայիրին, խելահաս, փորձառու եւ տրամաբանող խմբագիր մը դարձաւ: Իր մանկութիւնը գիտեմ, լաւ ճանչցայ նաեւ իր հայրը որ «Արարատ»ի խմբագրատունը կու գար յաճախ. բարի եւ ազգանուէր անձնաւորութիւն մըն էր:
Հարց կու տամ թէ ինչո՞ւ նոր թերթ մը: Ի՞նչ անցաւ-դարձաւ «Արարատ»ի կազմին հետ:
Կը յուսամ մօտ ատենէն կրկին այցելել Լիբանան: Այն ատեն առիթը կ’ունենանք երկար խօսելու…
Յարգանքներս հաղորդէ՛ տիկնոջդ եւ համբոյրներ՝ կտրիճ զաւակներուդ:
Ընկերական բարեւներով՝
[ստորագրութիւն` Կարօ Սարաֆեան]
* * *
- Տիգրան Սարաֆեանէն
Թորոնթօ, 12 Փետրուար [19]88[dccxlvi]
Սիրելի ընկ. Պէպօ,
Ուշ ժամուն, նստած, կը գրեմ: Հակառակ ցանկութեանս՝ դեռ Գանատա եմ: Ճիշդ է որ շրջանի ընկերները գոհ են, որ իմ գալը զուգադիպեցաւ շրջանի վերակազմաւորման, ու բնական է ես ալ կարելիս կ’ընեմ կազմակերպելու եւ լաւ ճամբու մէջ մտցնելու գործերը: Յուսամ ապագան ցոյց կու տայ:
Բնական է այսքան երկար մնալու պէտք չկար, բայց կարեւոր հարցի մը պատճառաւ կը մնամ եւ երբ գամ՝ կը բացատրեմ: Յետոյ շատ մը կարեւոր կ[ու]ս[ա]կց[ական] գործերն ալ ժամանակի կը կարօտին որ լուծում գտնեն: Կան նաեւ պարագաներ որ կ’ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել:
Որքան լաւ պիտի ըլլար եթէ գրածս շուտ ձեր ձեռքը հասնէր, եւ այդ պատճառաւ ալ ուշ գիշերին կը գրեմ քանի լսեցինք որ վաղը ծանօթ բարեկամ մը Պէյրութ պիտի երթայ:
Ուրեմն, նախորդ նամակներուս մէջ գրած էի քիչ մը այս շրջանի կ[ու]ս[ա]կց[ական] եւ միութենական գործերու[ն] մասին: Ներկայիս արդէն կը պատրաստուին ձեռնարկի՝ ճաշկերոյթ-պարահանդէս, նախագահութեամբ Կ. Սողանալեանի, Մոնթրէալի մէջ, 26 Մարտ, Շաբաթ օր, իսկ Թորոնթօ՝ Կիրակի, 29 Մարտին: Երկու շրջաններն ալ դրամի կարիք ունին որ կարենան ակումբ առնել եւ խումբերու ծախսերու[ն] հասնիլ: Պէտք է ըսեմ որ Մոնթրէալը աւելի բախտաւոր է քանի թէ՛ Պէյրութէն երիտասարդ լաւ տղաք կան եւ թէ՛ փորձառու հին կուսակցականներ կան, ինչու չէ նաեւ աւելի թիւով շարքայիններ:
Պաշտօնական նամակները կը ստանաք որպէս արդէն օրինաւոր մ[ասնա]ճիւղեր, եւ իրենց վարչութիւններով, յետոյ, բնական է, պէտք է ընտրել վ[արիչ] մարմին:
Դեռ կը սպասենք կանոնագրին որ պէտք է ղրկէիք, թէեւ ուզեցի նաեւ Լոնտոնէն, բայց դեռ չի հասաւ: Շատ լաւ պիտի ըլլար որ շուտով ստանային:
– Ըստ ինծի տրուած պարտականութեան, ըսեմ որ Գանատայի շրջանին թէ՛ կ[ու]ս[ա]կց[ական] եւ թէ՛ միութենական գործերը լաւ վիճակի մէջ են, մանաւանդ կազմակերպչական առումով:
– Հ. Կ. Բ. Մ.ի հարցով, նախ գանձելիներու համար միայն հեռաձայնով անդադար զիրենք «կ’անհանգստացնեմ». շատ դրական յոյսեր չկան: Կը խորհէի որ անձամբ երբ հոն հասնիմ, կրնամ բաներ մը ընել: Այդ մէկն ալ, դժբախտաբար, շատ ուշացաւ:
Աւելի կարեւորը այդ ուղղութեամբ, այն անհամաձայնութիւնն է որ ստեղծուած է շրջանի Վ[արիչ] Մարմնին եւ Հ. Կ. Բ. Մ.ի վարչութեան ընկերներու միջեւ, հիմա կ[ու]ս[ա]կց[ութեան] Վ[արիչ] Մարմինն է որ այդ անունով ձեռնարկ կը կազմակերպէ: Դժբախտաբար, տոքթ. Կ. Եղիայեան եւ տոքթ. Ա. Կիւլվարդեան եւ ուրիշներ իրենք զիրենք չէզոքացուցած են եւ հիմա կը պատրաստուին Սողանալեանը «տարուան մարդը» յայտարարելու ձեռնարկին, եւ ընողները Վ[արիչ] Մարմնի ընկերներն են: Ես միայն ջանացի որ ոչ մէկ նոր հրապարակային ըսի-ըսաւ ստեղծուի, թող ձեռնարկը ըլլայ, իսկ իրենք որպէս օրինաւոր մարմնի անդամներ եղելութիւնը գրեն կ[ու]ս[ա]կց[ութեան] Կեդր. Վարչութեան: Չեմ գիտեր որ գրեցի՞ն, քանի շատ դժգոհ եւ քէնոտած՝ մէկ կողմ կեցած են: Բնական է, երբ հոն երթամ, կարելիս կ’ընեմ լուծում մը գտնելու, իսկ երբ արդէն նամակը ստանաք, դուք ձեր թելադրութիւնները բանաձեւեցէ՛ք եւ ղրկեցէ՛ք:
– Գանատայի, աւելի՝ Թորոնթոյի մէջ «Սահակեան»ի հին սաներէն քոյր եղբայր Եարտըմեաններուն ծանօթացանք: Սարգիս Եարտըմեանը 1956-ի շրջանաւարտ [է], իսկ քոյրը՝ Զարուկ Եարտըմեան՝ 1958-ի շրջանաւարտ, ամուսնացած Պ. Իշխանեանի հետ:
– Տիկ. Զարուկի՝[dccxlvii] կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի է եւ իր միջոցաւ դպրոցի սաներէն միայն «Սահակեան»ի համար սէնթերով հաւաքած է 300 տոլար, իսկ եղբայրը՝ 200, ինք ալ 100 տոլար չէք բերաւ եւ իմ մօտն է: Վստահելի մէկը եթէ գտնեմ՝ կը ղրկեմ, թէ ոչ ես պիտի բերեմ: Բնական է, նամակ ալ կայ հետը եւ պէտք է ալ համապատասխան ձեւով պատասխանուի: Դուն անոր «վարպետն» ես:
– Ուրիշ ինծի գրուած պարտականութիւններէն, ժամադրութիւն ապահովելը Ս. Ս.[dccxlviii] հետ տեսնուելու: Ոչ թէ միայն անոր, այլ իր բանալիին՝ Շահէ Սրբազանին[dccxlix] հետ խօսելէս ետք Ժնեւի մէջ 100-ամեակի հանդիսութեան ժամանակ երկուքին հետ ալ պիտի տեսնուինք: Կամաց մը Շաքէին ըսի որ հոն Սարգիսին անակնկալ մըն ալ պիտի ընենք: Խօսքս պատուոյ գիրին համար էր: Սրբազանն ալ յարմար տեսաւ եւ ուրիշ օգտակարութիւն ալ պիտի ունենայ:
Մանուէլէն լսեցի որ Ժիրայրը[dccl] Ֆրանսա պիտի անցնի: Ինչ լաւ կ’ըլլար եթէ ա[յ]նտեղէն մեր հետ կապուէր եւ խօսէինք: Արդեօ՞ք կը մտածէ այդ մէկը: Իսկ եթէ ես իմանամ ժամանակին թէ ուր է՝ ես կը հեռաձայնեմ: Մեր այս վերջին գրածը, բացի ղեկավար ընկերներէ, անոր որ դուն կ’ուզես ըսել՝ միայն անոնք իմանան, քանի հիմա մարդուն շուրջ շատ բարազիտներ կան եւ, դժբախտաբար, մեր կ[ու]ս[ա]կց[ական] ընկեր կարծուածներ որոնք չարախօսելու մէջ վարպետներ են, եւ որոշ ընկերներ՝ անբաղձալի ներկայացնելու չափ… Այս ալ ուրիշ ցաւալի երեւոյթ է: Հասկցի՛ր, երբ իմ մասին կը խօսին, ա՛լ ուրիշներու ինչեր պիտի չըսեն: Բայց բան չեն կրնար շեղեցնել:
Ինչպէս կը տեսնէք, այս վերջին ամիսներուն Մ. Աւագեանը[dccli] եւ, ինչո՞ւ չէ, եղբայրն ալ բաւականին աքթիւ գործի վրայ են թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս: Բոլոր շրջաններու[ն] օգտակար ըլլալու ճիգին մէջ է։ Բարեբախտաբար՝ իմ կապերս լաւ են եւ միշտ կը խորհրդակցի ընելիքի մասին: Պէյրութի համար լաւ խոստում առած եմ, քանի Վ[արիչ] Մարմնի ընկերները վերջին գալուն օրը հանդիպեցանք եւ առաջարկեցին որ զիրենք չի մոռնամ: Եւ իրապէս ալ, Միհրանը կարծածէս աւելի պատրաստ եղաւ որոշ ծրագիրներու համար ուզածս տալու: Միայն թէ տղաքը չի զզուեցնենք: Անցեալ օր հեռաձայնեց եւ խօսեցաւ որ Եղիկը իրեն հետ խօսեր է ճաշկերոյթի նախագահելու: Անմիջապէս քաջալերեցի եւ նոյնիսկ տալիք խոստումին մասին, լաւ է, միայն տղաքը չի մոռնան նաեւ Հ. Մ. Մ.ը եւ «Ն[որ] Սերունդ»ը եւ յետոյ իրեն գրեն որ նաեւ տրուած գումարէն այդ բաժանմունքներուն ալ բաժին հանեցինք:
Այս ալ վերջին լաւ լուրերէն մէկն է: Գալ ամիս Ուրուկուէյ պիտի երթայ, Հ. Մ. Մ.եան հանդիպում կայ:
Կարծեմ բաւական երկար նամակ գրեցի: Քիչ մը աճապարանքով գրուած է, ներողամիտ եղիր:
Բարեւներս բոլոր պաշտօնակից ընկերներուն եւ նաեւ լաւ ընկերներուն:
Ընկերական ջերմ բարեւներով՝
[ստոր.՝ ՏՍարաֆեան]
Վերջին էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Շատ բարեւներ ունին ընկերները, յատկապէս ընկ. Պ. Մուշեանը, ձեր բոլորին:
* * *
[շատ հաւանաբար՝ Լոս Անճելըս], 12 Ապրիլ 1988[dcclii]
Սիրելի ընկ. Պէպօ,
Բարեւ «մերին» Ամերիկայէն: Նախորդ նամակիս մէջ որոշ գործերու մասին գրած էի: Այժ[մ] արդէն հոս եմ եւ անձամբ կը հետաքրքրուիմ Հ. Կ. Բ. Մ.ի վերակազմութեան եւ նաեւ գանձելիներու խնդրով: Յուսամ դրական արդիւնքի հասնիլ նախ մարմինը կազմելով, քանի նախ այդ է անհրաժեշտ եւ յետոյ մնացեալը հետապնդել: Ինչպէս գրած էի, յուսահատական վիճակի մատնուած են: Հաննէսեանի[dccliii] առանձին ծանօթ տեսակէտը եւ ապա մարմնի միւս անդամները նաեւ որոշ ձեւով համակարծիք են «ինքնավար» դրութեան, իսկ միւս կողմէ կ[ու]ս[ա]կց[ական] մարմնի ընկերներու ալ ոչ ճիշդ կողմնորոշումը կամ, աւելի, անտեղի միջամտութիւնն ու արտայայտութիւնները պատճառ դարձած են ներկայ կացութեան:
Դժբախտաբար ոչ ոք ճիշդ կողմնորոշում ունի մարմնի իրաւասութեան եւ փոխյարաբերութեան մասին, շրջանի կ[ու]ս[ա]կց[ական] մարմնի եւ նաեւ Պէյրութի Հ. Կ. Բ. Մ.ի Կեդր. Վարչութեան հետ: Ուստի ես կ’աշխատիմ բացատրել եւ հասկցնել, թէ մեր վերջին որոշումներու լոյսին տակ ի՛նչ են իւրաքանչիւր մարմնի սահմանները եւ նաեւ փոխյարաբերութեանց իրականութիւնը: Գալով «Սահակեան»ի մասին, նախ ցաւակցութիւններս ընկերուհի Ազատուհի Նազարեանի մահուան առիթով:
Յետոյ այն օգնութեան մասին որ գրած էի, սակայն կարելի չեղաւ դրամը ուղարկել: Արդէն այս նամակիս հետ կը ստանաս այն ալ, եւ յուսամ շուտով ենթականերուն կը պատասխանես պէտք եղած ձեւով: Թող օրինակ հանդիսանայ այս ձեւը: Կարծեմ իրենք ալ գրած են այդ մասին:
Իսկ այս Ուրբաթ, 15 Ապրիլին, Հ. Մ. Մ.ի տան մէջ սահակեանցիներու հաւաք կայ յատուկ հրաւիրատոմսով եւ յայտագրով: Ես խօսք պիտի առնեմ, տեսնենք արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ: Մէկ բան յստակ է՝ որ տղաքը լաւ աշխատանքի մէջ են եւ ես ալ իմ կարգիս պիտի փորձեմ զիրենք գոհ ձգել…:
Երէկ գիշեր Հ. Մ. Մ.ի ժողով կար: Մինչեւ ուշ գիշեր տղոց հետ էի. վերակազմութեան շրջան է եւ կը յուսանք լաւ հիմերու վրայ դնել: Հոյակապ տղաք կան, բայց ճիշդ տեղերը չեն դեռ:
Այս գիշեր «Կայծ» երիտասարդականի հաւաք կայ: Շատ ուրախալի եւ խոստումնալից տղաք են։ Իմ կարծիքով՝ շրջանի նորագոյն եւ խոստումնալից շարժումն է: Պիտի խօսիմ «Ինչ է գաղ[ա]փ[արական] կուսակցութիւնը» եւ «Ո՞վ է իրաւ կուսակցականը» նիւթերուն շուրջ: Դեռեւս քանի մը օր պիտի կրկնուի: Ուղղակի կ[ու]ս[ա]կց[ական] դասախօսութիւն է եւ յետոյ պիտի ունենանք օծում:
Անշուշտ տեղեակ եղաք որ նոր ընտրութիւն եղաւ եւ երեք ընկերներով Վ[արիչ] Մարմին ստեղծուած է, եւ դիւանային սիստեմով կ’ուզեն նոր ձեւով աշխատանք տանիլ: Այս մէկը Ժանին[dccliv] մտայղացումը եղած է կարծես: Ես դեռ հոս չհասած՝ ընտրութիւնը եղած էր:
Վարիչ Մարմին եւ ապա դիւանային խորհուրդ. այս է վարչամեքենան: Ճիշդ է որ կանոնագրային ճիշդ ձեւ չէ, բայց քանի ընտրութեամբ է եղած, մենք ալ կը ջանանք օգնել իրենց որ համերաշխ մթնոլորտի մէջ գործերու բաժանում ընեն: Յոյս ունիմ որ դրական գործերու կը հասնին:
Ուրեմն ներկայիս կազմակերպուելու շրջան է, եւ ճիշդ պաշտօնի վրայ բերել իսկապէս ատակ ընկերներ, որքան որ կայ անշուշտ:
Ընկե՛ր Պէպօ, եթէ մեր բարեկամը բերէ քեզի եւ Արշակին գիրք տայ Գանատայէն ղրկուած եւ նաեւ քեզի համար ականջի մեքենայիդ գործիք որ տուաւ տիկ. Վիքթորը (Իմաստունեանը): Եթէ ան չի բերէ՝ կը ղրկեմ քանի մը օր վերջ՝ այլ եկող բարեկամի հետ:
Յուսամ ամէնքդ լաւ էք: Բարեւներ բոլոր ընկերներու[ն]:
Ընկերական ջերմ բարեւներով՝
[ստոր.՝ ՏՍարաֆեան]
Յ.Գ.– Նամակս մեր այդ բարեկամին չի տուի, աւելի ճիշդ՝ նախընտրեցի Գէորգին տալ, աւելի ապահով…:
Նոյն
* * *
[Լոս Անճելըս,] 10 Յուլ[իս] 1990[dcclv]
Սիրելի ընկ. Պէպօ,
Ուշացումով բարեւներ «հրեշտակներու» քաղաքէն, չըսելու համար նոր օրերու Արշակաւանէն:
Դժբախտաբար մեր ընկերները նաեւ մեծամասնութեանբ «վարակուած» են չի դարմանուելիք փառասիրութենէ եւ ես-է, քանի այս երկրին մէջ անիշխանականութեան հասնող կարծուած ազատութիւնը նորարարութեան պէս տիրական է ամէնուն մօտ եւ ամէն ոք ինքզինքը «թագաւոր» կը կարծէ, խելացի եւ անկրկնելի անձ որպէս ներկայանալով:
Ուստի մեր միութենական եւ կուսակցական կեանքն ալ նմաններու երեսէն խաբ-խայտառակ վիճակի հասած է:
Մէկ կողմէն՝ Վ. Եաղսըզեան[ի] եւ Ա. Կիւլվարդեանի[dcclvi] նման զգացական եւ յամառ տեսակէտով մտածողներ, իսկ միւս կողմէ՝ Մ. Թաւուգճեանի եւ Ս. Աճեմեանի[dcclvii] կամ Մ. Ճուլֆայեանի նման ապիկարներ Վ[արիչ] Մարմինի աթոռին կառչած, մօտ երկու տարիէ միայն իրարու[dcclviii] հալածելով եւ բամբասելով ժամանակ վատնած են՝ մոռնալով կուսակցական, ազգային եւ քաղաքական ու նաեւ հայրենասիրական աշխատանքները: Առանձին խօսած ատեննին կ’ընդունին թէ ճիշդ չեն, բայց չեն ալ համոզուիր յանուն կուսակցութեան վարկին՝ քանի խայտառակած են, նստին եւ աշխատին իրար հասկնալ: Այսպէս է անցած օրերնին: Հիմա Յակոբին[dcclix] եւ նաեւ իմ ճիգերով կարելի եղաւ եզր մը գտնել եւ արդէն երկու նիստ է միասնաբար Վ[արիչ] Մարմինը ժողով կը գումարէ, բայց դեռ շատ գործեր կան որ պէտք է բիւրեղանան եւ անկեղծօրէն զիրար հասկնան, քանի աներեւակայելի կերպով խրամատ բացուած է մէջերնին՝ զիրար ատելու չափ: Անշուշտ ոչ բոլորի[ն] մօտ է նման ապուշ բան:
Ընտրուած Վարիչ Մարմնին վրայ չորս այլ ընկերներ եւս կը մասնակցին: Անշուշտ, թիւը կարեւոր չէ, այլ այն մտքերը որ զարգացած է մէջերնին, ինչպէս իրենք կ’ուզեն արտայայտուիլ, մէկ կողմը՝ «մտաւորականներ», իսկ միւս կողմը «տգէտներ»: Այս մէկը, դժբախտաբար, մեր կարծած լաւ ընկերներու կողմէ վիրաւորական արտայայտութիւն է, որուն դէմ կ’ընդվզին մեր կուսակցական տղաքը:
Շատ երկար եղաւ այս մասին գրածս, հակառակ անոր որ այլ բաներու մասին կ’ուզէի գրել քանի առիթ[ը] ներկայացաւ, բայց ցաւ մըն է որ մեր բոլորը կը հետաքրքրէ: Մէկ խօսքով, լաւ մեկնակէտի վրայ ենք, յուսանք ամէն ինչ լաւով կը վերջանայ:
Այս Կիրակի 20-ներու 70-ամեակի հանդիսութիւնն է: Ընկ. Արշակը[dcclx] պիտի խօսի. լաւ յայտագիր կայ, նոյնպէս Դաշնակցութեան եւ ռամկավար ներկայացուցիչներ ելոյթներ պիտի ունենան: Տեսնենք ի՞նչ պիտի ածեն: Նման ցուցադրական հարցերու մէջ միշտ համերաշխ են…:
Կրկին այս երեկոյ Սահակեանի Շրջանաւարտիցի կազմալուծուած վարչութիւնը ժողովի հրաւիրել տուի եւ զիրենք գործի պիտի լծեմ: Այն ինչ որ երկու տարի առաջ մէջտեղ բերինք, դժբախտաբար յետոյ չեն շարունակած, քանի ատենապետն ալ որ Յ. Չիլինկիրեանն էր եւ գիտես որ ան թէ՛ հիւանդ եղաւ եւ թէ՛ վերջը իր ամուսնութեան պատճառով ան ալ չէ կրցած բան մը ընել: Յուսամ կը յաջողիմ եւ նոր տարրերով գործի կը լծեմ որ «Սահակեան»ին կարենան օգտակար ըլլալ: Չէ՞ որ դուն ինծի այդպէս պարտականութիւն տուած էիր…:
Ստացանք Կեդր[ոնի] հրաւէրը ժողովի համար: Յուսանք առանձին պատճառներ չեն ըլլար եւ մենք միասին կ’ըլլանք: Եթէ այդ ուղղութեամբ նորութիւններ ըլլան, մեզի տեղեկացուցէ՛ք:
Մենք կը հետեւինք շրջանի լուրերուն եւ դէպքերուն, բնական է՝ ապրելով ձեր հոգեվիճակը, քանի ճաշակած ենք միասին: Բայց մէկ բան ըսեմ եւ հաւատա՛, աւելի դժուար է հեռու ըլլալ եւ լսել չափազանցուած լուրեր, որ քեզ աւելի կը յուզեն եւ անտրամադիր կը դարձնեն, սակայն կրակի[ն] մօտ եղողը ուրիշ է պիտի ըսես եւ իրաւունքի մէջ ես:
Յուսամ առողջութեամբ լաւ էք բոլորդ ալ: Բարեւներս Կեդր[ոնին] եւ այն լաւ ընկերներուն, նոյնպէս ընտանիքիդ անդամներուն:
Բարեւներով՝
[ստոր.՝ ՏՍարաֆեան]
Վերջին էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Ընկ. Աջապահեանի[dcclxi] մօտէն կը գրեմ. տէր եւ տիկ. բարեւ ունին ձեր բոլորին: «Սահակեան»ի ժողովը հոս տեղի պիտի ունենայ:
* * *
[հաւանաբար Լոս Անճելոս, հաւանաբար 1990-ի ամառ][dcclxii]
Յարգելի ընկ. Պ. Սիմոնեան,
Պէյրութ.
Ընկեր Պէպօ,
Ստացայ նամակդ: Ուրախ եմ նաեւ տուած լուրերուդ համար: Չեմ զարմանար որոշ «ընկերներու» իմ նկատմամբ բռնելիք դիրքին մասին: Թող նախ կուսակցական հայելիին առջեւ անցնին եւ դիտեն իրենց հասակը եւ գործունէութիւնը…, եւ յետոյ խօսին ուրիշի մասին: Շատը գնաց, քիչը մնաց. կու գանք եւ կը հանդիպինք:
Զարմանալի կերպով, Աւետիս կոչուածը[dcclxiii] դեռ Տիգրանի մասին կամ Հ. Մ. Մ.ի Կեդր. Վարչութիւն կայ թէ չկայ հարցը պիտի չմոռնայ եւ առանց ամչնալու՝ թէ եղած յաջողութիւնները գնահատելու փոխարէն, Միհրանին[dcclxiv] նոյն ակնարկութիւնը ըրած է եւ թէեւ պատասխանն ալ առած է, եւ կրկին իր ապուշութեամբ եւ նախանձովը ծիծաղի առարկայ դարձած: Մոռնալով որ ինք կուսակցութեան մէջ նախընթացը չեղող՝ անկուսակցականները վարչութեանց ատենապետ նշանակած է, խախտելով կուսակցութեան կարգն ու կանոնը: Եւ ասոր նման ապիկար ղեկավար մը պիտի ելլէ եւ ուրիշի աչքին շիւղը տեսնելու…: Ինչ որ է չ’արժեր աւելի խօսիլս. կու գամ եւ կը տեսնուինք…:
Ընկե՛ր, եթէ մեր այս բարեկամի[ն] Պէյրութ գալէն առաջ տեղեակ ըլլայի, կը պատրաստէի Կեդր. Վարչութեան ուղղուած ամփոփ տեղեկագիր մը շրջաններու մասին, բայց արդէն ժամանակ չկայ: Ուստի միայն գրեմ այս տեղի մասին: Գանատան իր լաւ ճամբուն մէջ է, այդ մասին ուրախ եմ: Իսկ գալով Լոս Անճելըսի (ամերիկեան հնչիւն[ով]) մասին, պէտք է ըսեմ որ շատ լաւ վիճակ չկայ, հիւանդկախ է: Կ’աշխատինք դարմանելու եւ յետագային ալ Կեդր. Վարչութեան գլխաւոր մտահոգութիւնը այդ պէտք է ըլլայ քանի գաղութը կը մեծնայ եւ միւս կազմակերպութիւնները հսկայական յառաջխաղացքներ ունին, իսկ մենք՝ կրիայէն ալ պակաս շարժում: Զարմանալիօրէն, մէկը միւսը չէզոքացնելու եւ սեւցնելու աշխատանքին մէջ՝ ռըքորտ:[dcclxv] Բայց վստահ եմ որ երիտասարդ տարրերով եւ նոր կարգադրութիւններով կարելի կ’ըլլայ կամաց-կամաց վերացնել ապուշութիւնը եւ նոր ճամբայ բանալ կուսակցութեան վերելքին օգտին:
Եկաւ ընկ. Ա. Չպուգճեանը: Կը հանդիպինք միասին, բայց գործերը դանդաղ են, պատճառը այստեղի կացութիւնն է: Սակայն կը վստահեցնեմ որ դրական կերպով գործը կը յաջողցնենք: Առնուազն պիտի կրնամ «ռէկոլայի»[dcclxvi] մէջ մտցնել թէ՛ Հ. Կ. Բ. Մ.ի կազմը եւ թէ՛ գանձումներու շարունակութիւնը: Միայն եթէ տոքթ. Կ. Եղիայ[ե]անը[dcclxvii] կարենանք գործի լծել եւ այդ երկու անձերէն որ մեծ գումարներ խոստացած են, անոնցմէ մէկ շօշափելի բաժինը առնել: Մէկ խօսքով, կը հետապնդենք գործը՝ յաջողցնելու համար: Կը յիշե՞ս, գրած էի որ բաւականին խոր տարակարծութիւն ստեղծուած էր մարմիններու միջեւ՝ կարգ մը ընկերներու սխալ գործելակերպին պատճառաւ:
Հիմա արդէն բաւականին լուսաբանած են եւ բնական վիճակ կը տիրէ:
Այս նամակը ոտքի, սեղանի մը վրայ կռթնած կը գրեմ որ հասցնեմ:
Ես այս ընկերոջ հետ պիտի ղրկեմ չորս հարիւր գանատական տոլար: Առջի տարուայ օրացոյցներու հաշուոյն Թորոնթոյէն հինգ հարիւր եւ Մոնթրէալէն հինգ հարիւր: Անոր վեց հարիւրը ժամանակին կրցայ ղրկել, քանի որ Հայկ Արամը երկու հարիւր տոլար վճարած էր Պետրոսի հաշուին կուսակցութեան, ուրեմն Հայկ Արամին վճարուեցաւ իր տուածը, այս չորս հարիւրն ալ միասին կ’ընէ հազար: Արդ, թող ստացագիր ղրկուի Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մ[ասնա]ճիւղերուն՝ հինգ հարիւրական գանատական տոլարի: Գիտե՞ս որ հարիւրաւոր օրացոյցներ աւելորդ կը մնան տղոց մօտ: Զարմանալի կերպով հազարի հասնող թիւ ղրկուած է եւ մեծ գումար՝ մինչեւ երկու հարիւր տոլար մաքս վճարուած է անոնց: Ահա՛ «մեծ» ղեկավարին լաւ գործերէն մէկը:
Ընկեր Պէպօ՛, յուսամ ամէնքդ լաւ էք: Ես յաճախ հեռաձայնով տունին հետ կը կապուիմ կամ նամակներով տեղեակ կ’ըլլամ այդտեղի մասին: Կուսակցականօրէն նամակդ ալ լուսաբանեց զիս: Այդ լաւ էր: Անշուշտ թէ նամակ գրելու մէջ ես քիչ մը, եթէ ոչ շատ, ետ եմ քեզմէ, ուստի եղածն ալ լաւ սեպէ (մելանն ալ վերջացաւ) եւ եթէ պէտք է՝ երկու անգամ կարդա՛ համբերութեամբ: Բաւական ճամբայ պիտի երթամ որ նամակը տամ: Չմոռնամ ըսելու որ կը ղրկեմ նաեւ Գանատայէն Կեդր[ոնին] ուղղուած նամակը: Բարեւներ լաւ ընկերներուն եւ տնեցիներուն:
Ընկերական բարեւներով՝
[ստոր.՝ ՏՍարաֆեան]
Վերջին էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Չմոռնամ ըսելու որ Յունիս 25[-ին,] Քսաններուն նուիրուած ձեռնարկին ես պիտի խօսիմ: Այդ մասին ուրիշ ատեն կը գրեմ:
* * *
- Ռուզան Սարգսեանէն
Երեւան, 5 Դեկտեմբեր [19]86[dcclxviii]
Մեծարգոյ պարոն Սիմոնեան,
Դիմում է Ձեզ Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւնների Ակադեմիայի Սփիւռքահայ համայնքների պատմութեան եւ մշակոյթի բաժնի աշխատող Սարգսեան Ռուզանը:
Ես զբաղւում եմ Լիբանանի հայկական համայնքի դպրոցների պատմութեամբ: Առաջին դպրոցը, որի պատմութիւնը ինձ համեմատաբար մանրամասն յաջողուեց ուսումնասիրել, դա Սահակեան-Լեւոն Մկրտչեան Գոլէճն է: Սակայն Հայաստանում եղած նիւթերը Ձեր տնօրինութեան տակ գտնուող վարժարանի մասին՝ աւարտւում են փաստօրէն 1974թ.-ով: Այդ թուականից սկսած, բոլոր տեղեկութիւնները ես կարողացել եմ ստանալ միայն լիբանանահայ մամուլից: Սակայն այնտեղ համեմատաբար քիչ տեղեկութիւններ են տրւում Սահակեան Վարժարանի մասին:
Դիմում եմ Ձեզ խնդրանքով՝ հնարաւորութեան դէպքում օգնել ինձ այդ հարցում: Կանխաւ շնորհակալութիւն եմ յայտնում եւ խնդրում յայտնել ինձ Ձեր պաշտօնական հասցէն։
Յարգանքով՝
Սարգսեան Ռուզան
[ստոր.՝ Ռ. Սարգ]
* * *
[Երեւան, Փետրուար կամ Մարտ 1987][dcclxix]
Մեծարգո՛յ պարոն Սիմոնեան,
1987թ. Փետրուարի 12-ին ստացայ Ձեր նամակը, որի համար մեծ շնորհակալութիւն եմ յայտնում: Ձեր ուղարկած հրատարակութիւնները ինձ շատ օգնեցին աշխատանքս շարունակելու համար: Ձեր վարժարանի պատմութիւնն ուսումնասիրելիս ես անշուշտ օգտուել եմ Ձեր նշած բոլոր գրքերից, ինչպէս նաեւ վարժարանի «Ուսանող» ամսագրից, որի բոլոր հրատարակութիւնները մենք ստացել ենք Բենիամին Ժամկոչեանի ֆոնտի հետ: Այդ ֆոնտը այժմ գտնւում է Հայաստանի Գիտութիւնների Ակադեմիայում:
1986թ. Յունիս ամսին Հայաստանի Գիտութիւնների Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Ինստիտուտի երիտասարդ գիտնականների 12-րդ հանրապետական կոնֆերանսում հանդէս եմ եկել զեկուցումով Սահակեան-Լ. Մկրտչեան Գոլէճի մասին: Այս նամակի հետ ուղարկում եմ զեկուցման հրատարակուած թեզիսները:[dcclxx]
Շատ եմ ափսոսում, որ չեմ կարողացել անձամբ ծանօթանալ Ձեզ հետ 1983թ., քանի որ այդ ժամանակ դեռեւս չէի աշխատում մեր բաժնում: Յոյս եմ յայտնում, որ Դուք շուտով կայցելէք Հայաստան:
Ձեզ ջերմ բարեւներ է ուղարկում Էդիկ Մելքոնեանը: Եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն եմ յայտնում ե՛ւ նամակի, ե՛ւ տրուած խորհուրդների համար:
Յարգանքներով՝
Ռուզան Սարգսեան
[ստոր.՝ Ռ. Սարգ]
* * *
- Սեդրակ եւ Աղաւնի Շահէններէն
Լոս Անճելըս, 12 Հոկ[տեմբեր] 1965[dcclxxi]
Ընկերներ տէր եւ տիկին Պէպօ Սիմոնեան[-ին] եւ Ասատուր Սաչեանին,[dcclxxii]
Հոգեկի՛ց ընկերներ,
Ծերութեան ծանրութիւնը ուսերուս, եկայ Պէյրութ, տեսայ Ձեզ եւ լրացուցի տարիներու կարօտս: Բուռն էր ցանկութիւնս, մահէս առաջ անգամ մը եւս համբուրել ճշմարիտ հերոս ընկ. Սաչեանի ամրակուռ ճակատը:
Ատանայէն Հաճըն, Հաճընէն Ատանա երկարող փշալից ճանապարհէն հերոսաբար քալող քաջակորով Ասատուրի միսիան[dcclxxiii] սուրբ էր ու նուիրական, այդ հոյակապ անձնուիրութիւնը յայտնաբերող հնչակեան Ասատուրը կը հանդիսանայ մեր պաշտանքին առարկայ: Փա՜ռք իր անուան:
Տիկնոջս՝ Աղաւնոյն հետ հզօրապէս տպաւորուած ենք ընկեր Պէպոյի եւ իր սիրասուն տիկնոջ մեզի հանդէպ ընծայած ընկերական գուրգուրանքներուն համար․ առ այդ, կու գանք սրտագին շնորկակալութիւններ յայտնել, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երջանկութիւն: Մենք Պէյրութի մէջ անցուցինք սքանչելի օրեր եւ արժանացանք ընկերներու եւ ընկերուհիներու անկշռելի գուրգուրանքներուն, որոնց բոլորին կը յայտնենք կրկնակ շնորհակալութիւններս, յաջողութիւն մաղթելով նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան:
Ճանապարհի ծանրութիւնը թէկուզ ընկճեց մեզ, բայց այժմ ըստ բաւականի կազդուրուած ըլլալով, սկսեր եմ Պէյրութի մեր տպաւորութիւնները հաղորդել Շրջանիս հնչակեան մտաւորականներուն եւ գլխաւոր մասնաճիւղերուն:
Հրատարակածս փոքրիկ գրքոյկը[dcclxxiv] շարժած է հայաստանցիները տեսանելի չափերով: Հայաստանէն եկած են ծրարներով նամակներ եւ գրքի մասին թերթերում երեւցած գրախօսականի կտորներ: Գովասանք ստացայ Վ. Համբարձումեանէն,[dcclxxv] նախագահ Յարութիւնեանէն[dcclxxvi] եւ շարք մը գրողներէ: Այս բոլորը ինձ համար անակնկալ էին:
Առանձնապէս այժմ մտահոգուած ենք ընկեր Յարութիւն Կուժունիի հիւանդութեամբ: Օննիկին բարեւ, Նայիրիին բարեւ, Խաչերեանին[dcclxxvii] բարեւ, Հ. Մ. Մ.ի բոլոր տղոց ճակատին համբոյրներ, ընկ. Ժամկոչեանին՝ Աւետարանով օրհնութիւններ:
Մեր յոյսն ու ապաւէնը դուք էք, երիտասարդներդ էք, կը նայինք Ձեզի եւ կը հպարտանանք:
Հերոս ընկեր Ասատուրին՝ կրկնակ համբոյրներ:
Համբոյր քեզ[ի] եւ քո սիրասուն տիկնոջ, ինձմէ եւ Աղաւնիէն:
Յարգանքներով՝
[ստոր.՝ Ս. Շահէն][dcclxxviii]
- Shahen
471 S. Fetterly Ave.
Los Angeles, California 90022
- S. A.
Mr. Bebo Simonian
- P. 756
Beyrouth-Libanan[dcclxxix]
* * *
Ամերիկա, [Լոս Անճելըս,] 19 Նոյ[եմբեր] 1966[dcclxxx]
Ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Թանկագին եւ սրտակից ընկեր,
Խորին շնորհակալութեամբ ստացայ «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. Համագումարի Սեմին» անուն խոհուն վերլուծմամբ Ձեր գրած գիրքը:
Կարդացի գիրքդ, եւ դեռ կարդալու եմ, քանի որ Ձեր անդրադարձումները ունին հիանալի համադրութիւն եւ խորունկ ճշմարտութիւններ:
Քիչ անգամ կը հանդիպինք այսպիսի լուրջ, անաչառ եւ մտացի քննարկութեան:
Այս գիրքը իր բոլոր կառուցուածքով տեղին է եւ իրապէս գնահատելի:
Ընկերական բարձր ոգիով կու գամ գնահատել Ձեզ: Շա՛տ ապրիք:
***
Աղաւնիին հետ շալկած ծուլութեան ծանրութիւնը, յաճախ տկար, յաճախ ոտքի վրայ կ’ընթանանք կեանքէն:
Մեզ[ի] համար անմոռաց են մէկ տարի առաջ Պէյրութի մէջ մեր անցուցած յիշատակելի օրերը:
Վերջերս լրացուցի եւ տպագրութեան պատրաստ է Սասնա Ծռերէն «Քար Թորոսը» անունով փոքրիկ դիւցազներգութիւնը:
Ընկեր Ենովք Տաղտաղանեանը Ամերիկա ժամաներ է: Հնարաւորութիւն չունեցանք զինքը տեսնելու:
Շատ բարեւներ Աղաւնիին եւ իմ կողմէն հերոս ընկեր Ասատուրին եւ Ձեր սիրելի տիկնոջ:
Շատ բարեւներ մեր բոլոր ընկերուհիներուն, ընկերներուն եւ Հ. Մ. Մ.ի բոլոր անդամներուն:
Կարօտով համբոյրներ՝
[ստոր.՝ Ս. Շահէն]
* * *
Ամերիկա, [Լոս Անճելըս], 8 Օգոստոս 1968[dcclxxxi]
Ընկեր Պէպօ Սիմոնեանին,
Հոգեկի՛ց սիրելի ընկեր,
«Արարատ»էն իմացանք Ձեր սիրելի մօր մահուան ցաւալի լուրը,[dcclxxxii] որու համար կը ցաւակցինք եւ կը յայտնենք երկնային մխիթարութիւն Ձեր համայն գերդաստանին:
Շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր հեղինակած «Նախերգանք Քերթուածներու» բանաստեղծութիւնը:[dcclxxxiii] Յափշտակութեամբ կը կարդանք: Նիւթերու կառուցուածքը հիանալի է, սահուն եւ իմաստալից:
Գրքիդ գլուխներէն «Մենք» բաժանմունքը – «Մենք, սերունդ տարագիր, Մենք, մայրիներու զաւակ, Մենք, նոր Վարդանանք» հատուածները գլուխ գործոց երգեր են եւ մնայուն արժէք:
Այս առթիւ կու գանք շնորհաւորել Ձեզ Ձեր բանաստեղծական տաղանդին համար: Շատ ապրիք:
Ջերմ բարեւներով եւ կարօտի համբոյրներով՝
տէր եւ տիկին [ստոր.՝ Ս. Շահէն]
Յ.Գ.– Մենք իրապէս ծերացեր ենք եւ ծերունիի հանգամանքներով կեանքէն կ’ընթանանք եւ առ այժմ ոտքի վրայ ենք՝ թէեւ տկար: Պէյրութէն ոչինչ կ’իմանանք, գրող չկայ: «Սահակեան»ի հարցը դարձեր է գոց սնտուկ:
20 օր առաջ «Սահակեան»ի բարերար ընկեր Լեւոն Մկրտիչեանը մեզի այցելեց, 6 օր մնաց եւ մեկնեցաւ Տիթրոյթ: Շատ բան խօսեցանք ընկեր Մկրտիչեանի հետ: Ընկերը որոշեր է Սեպ. ամսի սկիզբները Հայաստան մեկնիլ, գուցէ Հայաստանէն Պէյրութ գայ: Պէյրութ այցելելը իր մտքին մէջ տակաւին յստակ չէր:
«Քար Թորոս[ը]» գրքիս[dcclxxxiv] հանդէպ որ, Կ. Մելիք[-]Օհանջանեանը[dcclxxxv] բարբարոս վերաբերում ունեցաւ, շաբաթ մը առաջ Յովհաննէս Շիրազէն ստացայ գնահատական եւ քաջալերական նամակ: Շիրազ նոյնպէս կ’ըսէ.
«Շահէ՛ն, բազէի պէս սաւառնիր Սասնայ Ծռերի հետ Սասնայ լեռներում, ոչ մի չար խօսք չի կարող ծռել Սասնայ Ծռերին»…:
Շիրազի նամակէն մեծապէս քաջալերուեցայ: 9 քաջալերական նամակներ կանխօրօք ստացէր էի հայաստանեան գրողներէ: Շիրազի նամակը համարեցի լաւագոյնը:
Կրկնակ[ի] յարգանքներով՝
[ստոր.՝ Ս. Շահէն]
* * *
Ամերիկա, [Լոս Անճելըս,] 30 Դեկ[տեմբեր] 1972[dcclxxxvi]
Տէր եւ տիկին Պէպօ Սիմոնեանին,
Թանկագին եւ սիրելի ընկերներ,
Շնորհաւոր Նոր Տարի
Ամանորի առթիւ Ձեզ[ի] եւ Ձեր հարազատներին կը ցանկանք քաջառողջութիւն եւ երջանիկ կեանք:
Գոհունակութեամբ ստացանք մաղթանքներով առլեցուն Ձեր յղած գեղեցիկ քարթը:
Երեւանի նման մշտապէս լուսաւոր մնաք եւ Ձեր լուսաւոր գրչով պարուրէք մեզ[ի] նման տարիքաւորները:
Մենք շատ ենք ծերացեր, տկար ենք եւ ենթակայ բժիշկի խնամքներուն: Կարօտցեր ենք Ձեզ եւ մեր բոլոր ընկերները:
Մեր յոյսը դուք էք, դուք էք որ պիտի ընթացնէք պատմական Հնչակեան Կուսակցութիւնը:
Ձեզի կը մաղթենք անընկճելի կորով եւ քաջութիւն:
Ամրացէք անմահներ Փարամազի, Սապահի[dcclxxxvii] եւ միւս տիտաններու քաջակորով ոգիներով:
Սկիզբէն ի վեր ճիշդ է Հնչակեան ուղին եւ անցնող ժամանակը աւելիով կը յստակացնէ եւ աւելիով կը պայծառացնէ:
Ընկերական ջերմ բարեւներ եւ կարօտի համբոյրներ:
Տէր եւ տիկին [ստոր.՝ Ս. Շահէն]
* * *
Ամերիկա, [Լոս Անճելըս,] 2 Մայիս 1972[dcclxxxviii]
Թանկագին ընկեր Պէպօ Սիմոնեանին,
Որդի՛,
Խորին շնորհակալութեամբ ստացայ Ձեր հեղինակած «Խ. Հայաստանի Գրողներու Զ. Համագումար»ը անունով թանկարժէք գիրքը:
Նկարահան քամուրայի[dcclxxxix] մը հանգամանքով, Դուք պատկերած էք գրողներու Զ. համագումարին մասնակից տիտաններու ամրակուռ հայեացքները, որոնց շարքին՝ Ձեր քաջառողջ տեսակէտները յօգուտ Մայր Հայրենիք Խորհ. Հայաստանի վերելքին:
Որպէս գրող-արժէք, դու[ն] կը շարժես մեր հպարտանքը, եւ որ աւելին է, քո[ւ] գրական բարձրութիւնը կը շարժէ եւ կը պարուրէ նաեւ հերոսներու հերոս, չաթալ սրտի տէր մեծ հայրենասէր, հանգուցեալ ընկեր Ասատուր Սաչեանի նուիրական ոգին:
Ընկեր Ասատուրի փայլուն զէնքը ու իր որդոյն՝ ընկ. Պէպոյի[dccxc] փայլուն գրիչը նոյն նպատակով եւ նոյն ճանապարհով Հայ Ազատագրութեան կռուաններու մէկ տեսանելի միջոցը կը հանդիսանան:
Շարունակէ՛ վերելքիդ ճանապարհը եւ շարունակէ՛ շարժել ամրակուռ գրիչդ յօգուտ Հայաստանի պանծացման:
Ջերմ համբոյրներս քո[ւ] հանճարեղ ճակատին:
Կը ցանկանամ քեզ[ի՝] յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն:
Ծերունի հայր ընկերդ՝
[ստոր․՝ Սեդրակ Շահէն]
Անցքերը մեր քաղաքին մէջ.– Մեծ հանդիսութեամբ տօնուեցաւ Ապրիլ 24-ը: Աւելի քան 3500 հայեր խաղաղ ցոյց կազմակերպեցին տեղւոյս թրքական քոնսուլաթին առջեւ: Թուրք քոնսուլը հայոց ներկայացուցած պահանջագիրը երբ արհամարհանքով կը պատռէ, հայ երիտասարդ մը քիթ ու բերնին ապտակ մը կ’իջեցնէ եւ կը խառնուի ցուցարարներուն: Ոստիկանութիւնը անկարող կ’ըլլայ ձերբակալել:
Ապրիլ 22-ին, շաբաթ գիշեր, կարգ մը թուրքեր զերեզմանոցը մտնելով կը խորտակեն, վար կը ձգեն 47 հայ շիրմաքարեր: Ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ 2 թուրքեր, միւսները օթոյով կը փախչին: Այս ցաւալի արարքը շատ ուշ իմացուեցաւ:
Նոյն
* * *
[Լոս Անճելոս, 2 Յունուար 1974][dccxci]
Ընկեր Պէպօ Սիմոնեան,
Հոգեկի՛ց ընկեր,
Նոր Տարուայ առթիւ մաղթանքներով առլեցուն գեղեցիկ քարթդ ստացանք եւ հպարտանօք ուրախացանք:
Մենք եւս մեր կողմէն նոյն ընկերական մաղթանքները ունինք Ձեզի եւ Ձեր գերդաստանին: Թափուած ըլլալով գաղթօճախներու հեռաւոր անկիւնները, ընկերների այսպիսի շողարձակումները կը պարուրեն մեզ[ի] նման ծերունիները, զգալով որ դեռ մոռացութեան ենթարկուած չենք մեր հարազատներէն:
Ընկե՛ր բանաստեղծ, քո[ւ] վաստակդ գրական կեանքին եւ կրթական մարզին մէջ կը հասնի կարկառուն բարձրութեան, որով քեզի կը մաղթենք կորով եւ քաջութիւն:
Նոր Տարուայ առթիւ մեր օրհնէքներով եւ յարգանքներով կ’օծենք Ձեր սիրելիները եւ սիրասուն զաւակները:
Հարկ է նշել, որ օտար երկնակամարներու ներքեւ մեր միակ մխիթարանքը մեր վեհապանծ հայրենիք Խորհ. Հայաստանն է:
Ու հիմա, գաղթօճախներու հայրենասէր մշակութային կազմակերպութիւնները կաղապարուելով հայաստանեան արուեստի հոյատպութենէն, երգ ու պարերով, ասմունքներով եւ ելոյթներով կ’ոգեւորեն հայ նոր սերունդը եւ կ’ապահովեն անոր գոյատեւութիւնը: Ներկայիս մեր գաղութը այնպիսին է:
Այր ու կին թէկուզ շատ ենք ծերացած եւ հասած գաւազանի օգնութեան, բայց դեռ ոտքի վրայ՝ տոգորուած ենք այն հրաշազուն տեսիլքով, որ պիտի խորտակուին կապանքները եւ Արեւմտեան գերուած Հայաստանը պիտի ընկերանայ ազատ ու անկախ Խորհ. Հայաստանին:
Դա՛ է մեր ուխտը:
Ընկերական ջերմ բարեւներով եւ կարօտներով՝
Տէր եւ տիկին Սեդրակ եւ Աղաւնի Շահէն
* * *
- Կարէն եւ Անահիտ Սիմոնեաններէն
[Երեւան, հաւանաբար Դեկտեմբեր 1972][dccxcii]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ,
Սիրելի Ազատուհի,
Ստացայ Պէպոյիս նամակը, բայց հասկանալի է, որ հիմա բնաւ էլ այդ առիթով չէ, որ գրում եմ: Նամակին կպատասխանեմ մի առժամանակ անց, որպէսզի համն ու հոտը չկորչի:
Նորութիւններ.
ա. Նախ վերադարձայ Մոսկուայից.
բ. Վերադարձայ վիթխարի ծանրաբեռնուածութեամբ.
գ. Լոյս տեսաւ «Ներսէս Մաժան Դեղագործը» վէպս՝ ռուսերէն (եթէ հայերէն լինէր՝ կուղարկէի)․[dccxciii]
դ. Ծանրաբեռնուածութիւնս այնքան մեծ է, որ հարկադրուած եղայ դիմելու, խնդրելով, որ ազատուեմ ռատիոյում իմ հետագայ ծառայութիւնից: Օրերս երեւի հարցը կլուծուի եւ ես կանցնեմ ստեղծագործական աշխատանքի: Մի խօսքով, դառնում եմ «ազատ արուեստագէտ»: Ճիշտն ասած, ազատ միշտ եմ եղել, հիմա տեսնենք՝ արուեստագէտ էլ կդառնա՞մ արդեօք:
Այսքանը՝ առայժմ:
Վստահ եմ, որ Պէպօն լաւ է տանում հայրութեան նախապատրաստական շրջանը եւ առանց բարդութիւնների: Ազատուհի, սիրելիս, մի քիչ սիրտ տուր եղբօրս: Համոզիր որ զաւակ ունենալը շատ հեշտ բան է: Իսկ հիմա՝
Սրտանց շնորհաւորում եմ
Ձեր նոր տարին.
Ցանկանում եմ
երջանկութիւն, առողջութիւն
եւ նորանոր
Յաջողութիւններ
կեանքում:
Տեսա՞ք: Այնպէս որ լաւ կացէք, տեսնենք, թէ երկու կամ մէկուկէս ամիս յետոյ աշխարհ եկող Մեծ Հայը ապագայ մա՞յր պիտի լինի, թէ՞ հայր: Երկու դէպքում էլ՝ կնքահայրը ես եմ:
Ուրեմն, դարձեալ Շնորհաւորում եմ Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով ամենայն ընդունելին Տիրոջ կողմից:
Համբուրում եմ ամուր-ամուր նախ՝ ես, յետոյ Անահիտը, յետոյ Նուարդն ու Լիլիթը:[dccxciv]
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
[Երեւան, հաւանաբար՝ 1970-ականներու Դեկտեմբեր ամսուայ մը կէս][dccxcv]
Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ եւ Նոր Տարի իմ սիրելի եւ ծոյլ բարեկամներ:
Իմացայ, որ Ազատուհին հերոսուհի մայր դառնալու ճամբան է բռնել:[dccxcvi] Աստծո՛վ…
Աչքներդ լո՛յս… բայց լուրը ձեզնից առնելը աւելի գերադասելի կլինէր:
Մաղթում եմ, որ զաւակները հօրով-մօրով մեծանան, լաւ հայ լինեն ու բախտաւոր մարդիկ:
Համբոյրներով՝
[ստոր․՝ Կարէն ԱՍիմոնեան]
* * *
[Երեւան, հաւանաբար՝ 1970-ականներու կէսի Դեկտեմբեր ամիս][dccxcvii]
Շատ սիրելի Ազատուհի,
Պէպօ, Տիգրան Մեծ եւ
Գրիգոր Աղա
Ամէնից առաջ ընդունեցէք մեր ամենաջերմ մաղթանքները Սուրբ Ծնունդի եւ Նոր Տարուայ շեմին: Երջանկութիւնը, բախտաւորութիւնը, սէրը, տոկունութիւնը եւ փողը թող թափուի ձեր վրայ ճիշտ այնպէս ինչպէս աստղերն են թափուել հակառակ երեսի ծառի վրայ:
Սիրելինե՛րս, ամենայիմար ձեւով ես ու Անահիտը չկարողացանք հանդիպել Էլոյին: Նախ Էլօն վճռեց հանդիպել Անահիտի Երեւան վերադարձից յետոյ: Իսկ Սեպտեմբերի 1-ին ես թռայ Ալմա-Աթա՝ մասնակցելու Ասիայի եւ Աֆրիկայի երկրների գրողների կոնֆերանսին: Իմ բացակայութեան օրերին, Անահիտը պայմանաւորւում է հանդիպել Էլոյի հետ եւ նոյն օրն էլ Լիլիթին տեղափոխում է հիւանդանոց: Ես եկայ՝ Էլօն արդէն մեկներ էր: Յիմար բան ստացուեց:[dccxcviii] Եթէ այն, ինչ պիտի արուէր, հնարաւոր է եւ ուշ չէ հիմա՝ անպայման գրէք:
Լիլիթը առայժմ հիւանդանոցում է: Այսօր իմացանք, որ մինչեւ Նոր Տարի դուրս կգայ՝ բուժումը տանը շարունակելու պայմանով: Երեխան ռեւմատիկ երեւոյթների հետեւանքով քիչ էր մնում վնասէր սիրտը: Փառք Աստծոյ, ժամանակին գլխի ընկաւ Անահիտը եւ հիմա արդէն (թո՛ւհ, սատանայի ականջը խուլ), ոնց որ թէ կերպարանքի ենք գալիս:
Տեսա՞ք, ե՛ւ շնորհաւորանքագիր ստացուեց, ե՛ւ նամակ: Սիրում եմ այսպիսի համադրութիւնները մասնաւորապէս, եւ ընդհանրապէս, երբ խնդիրը լինում է կանանց վրայ:
Համբուրում ենք ամուր-ամուր:
Անահիտ, Կարէն եւ երեխաներ
* * *
[Երեւան, հաւանաբար՝ 1970-ականներու Դեկտեմբեր ամսուան բ․ կէս][dccxcix]
Իմ լաւ Պէպօ, անուշիկ Ազատուհի,
եւ անառակ որդի Գրիգոր,
Շնորհաւորում եմ ձեր Նոր Տարին, մաղթում երջանկութիւն, առողջութիւն եւ հարստութիւն… Հոգեկան էլ, նիւթական էլ:
Սոսկալի ծանրաբեռնուած լինելով (Յարութիւն Թորոսեանը երեւի կարողացաւ բացատրել), չէի կարողանում կենտրոնանալ՝ նամակ գրելու համար: Հիմա էլ, այս երկու օրը երեւի կմեկնեմ Մոսկուա միութենական գրողների նախագահութեան նիստին մասնակցելու հրաւէրով: Եթէ նոր տարուայ նախօրեակին հասնեմ տուն՝ փառք կտամ Աստծուն:
Անահիտի գործերը երկար ձգձգելուց յետոյ մէկ շաբաթում կարգադրեցինք, մնում է միայն լուսանկարներ, բայց չի շտապում, ասում է աւելի սիրունանամ՝ նոր կնկարուեմ:
Անչափ շնորհակալութիւն «Արարատի» յատուկ վերաբերմունքի համար իմ համեստագոյն տաղանդի նկատմամբ:
Եթէ Մոսկուայում ազատ ժամանակ ունեցայ, աւելի մանրամասն մի նամակ կգրեմ:
Խնդրում եմ պարոն Ճիռեանին եւս յայտնէք իմ շնորհաւորանքները, իրեն եւս գրել եմ, բայց հասցէն այնպէս էր գրել, որ ոչինչ չհասկանալով, պարզապէս իր ձեռագիրը նկարեցի: Յոյս ունեմ որ կհասնի:
Դարձեալ ու դարձեալ շնորհաւորում եմ: Համբուրում եմ բոլորիդ ամուր-ամուր:
Ձեր՝ Կարէն,
Անահիտ եւ երեխաներ
* * *
ԿԱՐԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Հայաստան, Երեւան, 375070, Երուանդ Քոչար[ի] փող. 21, բն. 28: Հեռախօս 55-04-18
375070 Yerevan, Armenia, USSR, Yervand Kochar str. 21-28. Tel. 55-04-18
KAREN A. SIMONIAN
Երեւան, 29 Ապրիլ 1987[dccc]
Սիրելի Պէպօ,
Ստացայ նամակդ: Շնորհակալութիւն մխիթարական խօսքերիդ համար: Անցած տարին շատ ծանր էր մեզ համար: Երեւի չգիտես, որ հօրս մահից հազիւ մէկ ամիս անց մահացաւ նաեւ Անահիտի մայրը: Բայց արդէն խելքի ենք գալիս: Յատկապէս, որ անցած տարի Դեկտեմբերին ծնուեց երկրորդ թոռնիկս՝ Նուարդիկի երկրորդ տղան:
Սիրելիս, բանաստեղծութիւնդ ստացայ: Բայց երեւի չգիտես, թէ ինչպիսին է թունելի վիճակը: Եթէ տպագրէինք, պիտի ծաղր դիտուէր: Այնպէս որ, ուղարկիր նոր գործերից: Գիտես, որ սիրով կտպենք:
Ես հիմա աշխատում եմ թատերգութեան վրայ, որը պիտի բեմադրէ Խորէն Աբրահամեանը[dccci] Լենինականի թատրոնում: Այնուհետեւ կը սկսեմ երկրորդ վարքագրութիւնը Մոսկովեան նոյն մատենաշարի համար:
Յուսամ, որ լաւ էք: Ազատուհին, ինչպէս միշտ՝ խելացի եւ եռանդուն: Տղաներդ՝ մեծցած: Դու՝ հոգսաշատ ու ստեղծագործական տառապանքներով…
Ուղարկում եմ Ալֆոնսի[dcccii] գրքի մասին իմ քննախօսութիւնը: Հաճիս յանձնիր իրեն: Թէեւ դեռեւս անցեալ տարի Հալէպի վրայով ձեռագիր էի ուղարկել:
Ոչ մի տեղեկութիւն չունեմ Արշոյից[dccciii] եւ Գրիգոր Շահինեանից: Ընդհանրապէս Պէյրութի իմ բարեկամներից: Սրտանց բարեւներ: Ջերմօրէն համբոյրներ:
Ողջ լերուք:
Եղբայրդ՝
[ստոր.՝ Կարէն Ա. Սիմոնեան]
* * *
Երեւան, 11 Յուլիս 1991[dccciv]
Սիրելի Պէպօ,
Ստացայ գիրքդ, շնորհաւորում եմ: Երանի քեզ, որ կարողանում ես նաեւ գիրք հրատարակել: Թերեւս հեռուից հեռու տեղեակ ես ինձնից: Չէք ասի, թէ երկար կդիմանամ: Եթէ հակառակ քո ցանկութեան, յաջողուի, վերջապէս, անկախանալ, ուրեմն գործի տակ կխեղդուեմ, իսկ եթէ ընկերվարները ու համայնավարները (դաշնակցականներն ու կոմունիստները՝ Հայրիկեանական[dcccv] սոուսով) յաղթեն, ապա ինը գրամ արճիճը կայ ու կայ: Այդպէս որ, սիրելիս, ամէն ինչ ok է:
Լսեցի, թէ դու լսել ես, որ ես նեղացել եմ քեզնից, Աստուա՜ծ իմ: Ի՜նչ ապուշութիւն: Մեր բարեկամութիւնը ո՛չ մի օրուայ եւ ո՛չ էլ ընդամէնը 22 տարուայ համար էր: Իսկ որ մէկ-մէկ դաշնակցականների հետ գործ էք անում, սրտովս չէ: Բայց գործ անողը դու չես: Գործ անողը բոլոր կուսակցութիւնների կուսակցապետերն են, որոնց շահերը շատ վաղուց չեն համապատասխանում կուսակցականների շահերին:
Ուղարկում եմ «Հայրենի Եզերք», նախկին «Սովետական» եւ «Վերածնուած Հայաստան» ամսագրի 6-րդ թիւը, որտեղ մի անդրադարձ եմ արել մի խումբ մտաւորականների յորդորներին, թէ աւելի լաւ է ճորտ լինելը, քան ազատ: Տե՛ս, գրել եմ մաքուր սրտով ու բնաւ չարութիւն չունեմ ձեր՝ մոլորեալներիդ նկատմամբ:
Եթէ մէկ-մէկուկէս ժամ կարողանում եմ կտրել օրուայ խենթ ընթացքից (իսկ դա լինում է լուսադէմին, առաւօտուայ ժամը 5-ից), ապա նստում եմ գրելու իմ «Յիսուսի կեանքը»: Տեսնենք, թէ ի՛նչ դուրս կգայ:
Ամենալքուած ու միայնակ պահերիս սիրով եմ յիշում քո վարժարանի այն ուսուցչուհիներիդ, որոնց տուն ուղարկեցիր այցելութեանս ժամանակ:
Իսկ այդպիսի պահեր շատ են լինում, որովհետեւ ուրիշ կերպ էր մեր կեանքը եւ, յիշո՞ւմ ես, այն օրերին, երբ քեզ գրում էի Պաստեռնակի[dcccvi] մասին, ո՞ւմ մտքով կ’անցնէր, որ դուրս գալով այդ դժոխքից, նաեւ անձամբ պիտի տէրութիւն անելու պատասխանատուութիւն ստանձնենք երկրի ու ազգի գոյութեան համար: Կարծում էի, թէ ես պիտի երազեմ, իսկ ուրիշները պիտի կառուցեն մեր Ազգային Տունը, ազգային մեր պետականութիւնը:
Բնաւ յոյս չունէի, թէ այսքան էլ կը գրեմ: Բայց սկսեցի խօսել քեզ հետ, ու տեսայ, որ սիրտս շատ լիքն է ու վերջս՝ մօտիկ:
Բայց հաւատա՛, Անկախութիւնն էլ պիտի տեսնեմ: Իսկ յետոյ… յետոյ՝ բոլորի մայրիկը…
Համբուրիր Ազատուհուն, տղաներին, որոնց գրած նամակս ախր ինչո՞ւ կորցրիր …
Բարեւներ Արշոյին, Գրիգորին, միւս բարեկամներին:
Յուսամ, թէ երբեւէ նորից մի անգամ հանդիպելու առիթը կ’ունենանք:
Քո՝ [ստոր.՝ Կարէն ԱՍիմոնեան]
* * *
Փարիզ, 24 Մայիս 1997[dcccvii]
Սիրելի Պէպօ,
Առիթը եղաւ եւ որոշեցի այս երկտողն ուղարկել գրաբերի ձեռքով, քանի որ հասցէդ եւ հեռաձայնիդ թիւը գտնել չյաջողուեց:
Արդէն երրորդ տարին է, ինչ «վայելում» եմ քաղաքական վտարանդու իմ կեանքը: Ամէն բան հնարաւոր էր երեւակայել – գիտես, որ երեւակայելու առումով այնքան էլ անօգնական չեմ – բայց որ երբեւէ ճակատագիրը դառնալու է այնպէս, որ յայտնուեմ օտարութեան մէջ՝ մտքովս բնաւ չէր անցնի:
Շատ ծանր ժամանակներ անցկացրի: Եւ եթէ հնարաւոր եղաւ հոգեբանօրէն չխաթարուել, կամ պարզապէս չհիւանդանալ, ինչպէս այսօր ծանր հիւանդ է հայերի գերակշիռ մասը, ապա պատճառն այն էր, որ աշխատեցի: Արդիւնքը եղաւ մէկ վէպ, վիպակների մէկ ժողովածու եւ մի հատորիկ էլ փորձագրութիւններ: Այս երեք գրքերն էլ անցեալ տարի լոյս տեսան Երեւանի մէջ եւ եթէ չեմ ուղարկում, ապա գրաբերիս չծանրաբեռնելու համար: Եւ մէկ էլ գուցէ այն պատճառով, որ այնքան էլ վստահ չեմ, թէ քեզ արդեօք կը գտնե՞ն ձեր այդ կողմերում:
Եթէ նամակս քեզ հասնի, ապա խնդրում եմ լուր տուր Գրիգորից: Պէյրութ եկող մէկին խնդրել էի տեսնել կամ հեռաձայնել նրան, բայց պարզուեց, որ չի կարողացել: Նոյնի ձեռքով մի քանի ձեռագիր էի նաեւ ուղարկել Սնապեանին, խնդրելով հրատարակելու ճանապարհներ յուշել: Սակայն նրանից էլ ոչ մի լուր չառի: Եզրակացութիւն. կա՛մ բանբերս է անպարտաճանաչ, կա՛մ Պօղոսին փոխել են ճիշդ այնպէս, ինչպէս փոխել էին շատ արժէքաւոր եւ ինձ համար յարգելի մի գրողի:
Անշուշտ, նաեւ կ’ուզենայի լուր ունենալ Արշոյից: Նրա հասցէն նոյնպէս չունեմ ձեռքիս տակ:
Չեմ երկարացնելու: Վստահ եմ, որ այս գրաբերս կը գտնի քեզ: Գոնէ ինքը խոստացաւ եւ վստահեցրեց:
Ջերմ բարեւներս Ազատուհուն եւ տղաներիդ, որոնք արդէն տղամարդ են դարձել: Արդեօք դուք էլ պապիկ-տատի՞կ էք:
Համբուրում եմ՝
[ստոր.՝ Կարէն Ա. Սիմոնեան]
Հասցէս՝
Karen Simonian
25, place Salvador Allende
94140 Alfortville
France
Յ.Գ.
Ուրեմն, գրաբերս այնպէս էլ անհետացաւ տեսադաշտից: Պատահական ծանօթ էր: Ինձ մօտեցաւ մի բանախօսութեան ընթացքին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նամակ հասցնելու քեզ:
Ուղարկում եմ ամիսներ առաջ գրած երկտողս, որտեղ Գրիգորից իմանալ էի ուզում, բայց հիմա Գրիգորն է, կարծեմ, քեզ գտնելու:
Նոյն
Սիրելի Գրիգոր,[dcccviii]
Եթէ դժուար չի լինի, խնդրում եմ այս երկտողը փոխանցել Պէպոյին:
Շնորհակալութիւն:
* * *
Փարիզ, 25 Հոկտեմբեր 1997[dcccix]
Սիրելի Պէպօ,
Ստացայ 5 Հոկտեմբեր 1997 թուակիր նամակդ: Չասեմ անակնկալ էր, քանի որ վստահ էի, թէ մեռեալների այս աշխարհի մէջ դու բացառիկ ողջ ու առողջներէն մէկն ես, ինչպէս, օրինակ, հէնց մեր Գրիգորը: Անակնկալ չէր, բայց սպասումի հաճելի մի աւարտ էր: Կարդացի, յետոյ Անահիտը կարդաց: Նորէն յիշեցինք անցեալը, յուզուեցինք… Մի խօսքով, բաւականին հաճելի ապրումներ ունեցանք մեր տխրութեան հետ մէկտեղ:
Յաջորդ օրն իսկ նստեցի պատասխան նամակ գրելու, բայց մէկ էլ, ինչպէս ասում են՝ դէմ առի…
Նախ այն պատճառով, որ հարցերդ ու տարակուսանքներդ ինձ համար նոյնքան տարակուսելի էին: Առաւել եւս երկրի մասին եզրակացութիւններդ բաւականին շփոթեցրին ինձ:
Այնուհետեւ. նամակիդ երկրորդ մասը, որտեղ հակիրճ պատմում ես քո մասին, արդէն իսկ աւելի վերը կատարած քո հարցումների պատասխաններն են:
Յիշեցնեմ. դու գրում ես. «Պատերազմի ամբողջ դաժանութիւնը եւ անոր հետեւանքները կրելէ ետք, եկան մարդիկ,– հարազատները բացառուած չեն,– խաղաղ օրերուն եւ ուրանալով կատարած գործս, զիս տմարդօրէն տարագրեցին գլխաւորած հաստատութիւնէս»:
Այսպիսով, պարզւում է, որ դու եւս տարագրուած ես: Եւ ինչո՞ւ…
Ինչո՞ւ են քեզ տարագրել, սիրելի եղբայրս:
Նուիրուած չէի՞ր արդեօք հայ երեխաներին հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու պատուաւոր ու շատ դժուար գործին:
Հաւատաւոր չէի՞ր արդեօք քո համոզմունքների նկատմամբ: Յեղափոխական քո կուսակցութեան աւանդութիւննե՞րն էիր ոտնահարել: Թէ՞ դաւաճանել էիր սոցիալ-դեմոկրատական քո դաւանանքին:
Ինչո՞ւ «նոր մարդիկ», որոնց մէջ նաեւ բացառուած չեն «հարազատները», որոնցմէ մէկն էլ, ինձ հասած բոլոր տուեալներով, Եղիկը պէտք է եղած լինի (երանի՜, թէ սխալուեմ): Ինչո՞ւ նրանք քո նկատմամբ տմարդի եղան: Ի վերջոյ, կարող էին, չէ՞, գոնէ մարդկայնօրէն վարուել իրենց ոչ միայն ուսուցչի, այլեւ գաղափարական մտաւորականի հետ:
Ինչո՞ւ այդպէս վարուեցին քեզ հետ, սիրելիս:
Ինչո՞ւ…
… Հիմա գանք քո հարցերին ու տարակուսանքներին: Եթէ նամակիդ մէջ չլինէր «Հետաքրքիր եմ լսելու քեզմէ…» նախադասութիւնը, ապա ես վստահ կլինէի, թէ բոլոր հարցերդ հռետորական են եւ պատասխաններն ինձէ[dcccx] աւելի լաւ գիտես:
Յիշողութիւններդ եւ օրագրութիւններդ չեմ հիասթափեցնի: Վստահ եղիր: Ես, թերեւս փոխուած եմ այնքանով, որքանով մարդ փոխւում է իր ապրած տարիների ընթացքին: Այսինքն, միայն տարիք է առնում: Իսկ տարիները մարդուն չեն փոխում: Յիմար մարդը տարիքն առնելով դառնում է idiot, իսկ խելացին՝ իմաստուն:
Ինձ համար անմոռանալի են Թումանեանական օրերի[dcccxi] մեծ ծանօթութիւնն ու կարճ միջոցին հաստատուած բարեկամութիւնը: Արդէն իսկ այդ օրերին, գիտե՛ս, քո օգնութեամբ ու քեզնով բացուեցի դէպի տարագիր հայութիւնը: Այնուհետեւ՝ իմ հանդիպումները Պէյրութ: Նոյն 69-ին էր կարծեմ:
Մեր ծանօթութիւնէ մէկ տարի առաջ ինձ արդէն ծուատել էին եւ խայտառակ կերպով հեռացրել աշխատանքէ:[dcccxii] Այդ էլ յիշում ես երեւի: Ես արդէն հասկացել էի, որ խրուշչեւեան ձնհալը աչքակապութիւն է: Հասկացել էի, որ Սիստեմը փորձում է իր դիմակը փոխել: Ես կորցրել էի իմ հաւատը ապագայի նկատմամբ եւ վստահ էի, որ Հայը այլեւս դատապարտուած է:
Պէյրութը ինձ վերադարձրեց յոյսը: Ես յիշում եմ իմ հանդիպումը քո դպրոցի աշակերտութեան հետ, նաեւ չեմ մոռացել, թէ ինչպէս էիր սիրունիկ վարժուհիներին այդ օրը տուն ուղարկել… Քո դպրոցը անցկացրած մէկ-երկու ժամերի ընթացքին համոզուեցի, որ հայի փրկութիւնը այն ճշմարիտ հայեցիութեան մէջ է, որ դուք կարողացել էիք պահպանել աչքի լոյսի պէս եւ աներեւակայելի զոհողութիւնների գնով:
Պէյրութի իմ հանդիպումները քեզ հետ, քո ընկերների հետ, որոնց ներկայութեան փառաւոր հիւրասիրութիւն էիր կազմակերպել քո տանը (բայց եթէ յիշում ես, վերջը ասացի, թէ աւելին էի սպասում, եւ դու, դեռ անփորձ իմ կատակներին, անկեղծօրէն յուզուեցիր եւ նոյնիսկ երեւի մտածեցիր, թէ այս ի՜նչ անպատկառ մէկին ես հանդիպել), եւ քո շրջանակի հետ շփուելէ զատ՝ անմոռանալի գիշերը, որ անցկացրի Վահէ Օշականի, Գարեգին Սրբազանի[dcccxiii] հետ, երբ գրեթէ մինչեւ լոյս վիճելով զրուցում եւ զրուցելով վիճում էինք Ազգային Տուն ստեղծելու ճանապարհների մասին: Ես Երեւան դարձայ բոլորովին մի նոր աւիւնով եւ հաւատով: Ընդ որում, «Ազգային Տուն ստեղծելու» արտայայտութիւնն իմն է, եւ այն շրջանառութեան մէջ դրի կարծեմ 84-է[ն] ի վեր:
Այս ամէնը յիշեցնում եմ, որպէսզի քեզ խոստովանեմ ամէնէն կարեւորը: Գիտես, որ երբ կաթը բերանը այրում է, Հայը նոյնիսկ մածունն է փչելով ուտում: Այնպէս որ, երբ սկսուեց Սիստեմի նոր դիմակափոխութիւնը՝ Վերակառուցումը, ինձ եւ իմ մի քանի համախոհների համար որեւէ կասկած չկար, որ վերակառուցել են ուզում Չարիքի կայսրութիւնը:
Ես այլեւս երեսուն տարեկան չէի: Եւ իմ յիսուն տարիներն ապրելով, խելացի երիտասարդէ դառնում էի իմաստուն եւ հասուն մարդ:
Վերակառուցումը հերթական դիմակափոխութիւն լինելը հրաշալի գիտէին կուսակցապետերը՝ զանազան դեմիրճեաններ, սարկիսովներ, ոսկանեաններ[dcccxiv] եւ այլօք: Ես եւ իմ բազկակիցները որոշեցինք կոմկուսի համագումարի որոշումներին վերաբերել ամենայն լրջութեամբ եւ դարձանք… այլախոհներ: Ընկանք Կագէբէի հսկողութեան տակ: Այն ժամանակ իմ բոլոր հրապարակախօսական գրաւոր ու բանաւոր ելոյթները համեմուած էին համագումարեան որոշումների մէջբերումներով: Բայց Կագէբէն էլ յիմար չէր: Նրանք շատ լաւ էլ հասկանում էին խաղը: Բայց խաղի կանոնները պահպանում էին երկուստեք: Կագէբէն վստահ էր, թէ Սիստեմը կանգուն է մնալու, իսկ մենք համոզուած էինք, որ Սիստեմը փլուելու է: Կագէբէն մեզ չէր նեղում, որովհետեւ հեղինակաւոր մարդկանց մէջ Վերակառուցում քարոզողների անհրաժեշտութիւն ունէր: Մենք էլ ջանում էինք համը չհանել՝ փորձելով ժողովրդին կանգնեցնել աչքը վախեցած մեր ժողովրդին:[dcccxv]
Ինչեւէ… Յուշեր չեմ պատմելու, բայց իրականութիւնն այն է, որ իմ գլխաւորած շարժումը՝ Գոյապահպանական շարժումը առաջին անգամ մարդկանց դուրս բերեց հրապարակ: Եւ դա 1987-ի Սեպտեմբերի 1-ին էր: Իմ եւ բազկակիցներիս նպատակը ժողովրդին ոտքի հանելով՝ ազատագրական շարժում սկսելն էր: Այսինքն Գոյապահպանական շարժումը ըստ էութեան ազատագրական շարժումի առաջին փուլն էր:
Հետաքրքիր մի փաստ. իմ բոլոր ելոյթները՝ լինի Մուսա Լեռան յուշարձանի մօտ, Մատենադարանի բարձունքի վրայ կամ նախընտրական անցուդարձի հանրահաւաքի ընթացքին, աւարտուել են միայն ու միայն Ազատութեան կոչով:
Այդ էլ է ժամանակին նկատուել: Մարդկանց իրօք անհանգստացնում էր, թէ ինչո՞ւ է իմ պահանջը մասնաւորապէս Ազատութիւն, եւ ո՛չ Անկախութիւն: Չէի զլանում բացատրել, որ ժողովուրդը կարող է անկախ լինել, բայց ազատ՝ ոչ:
Նաեւ յիշեցնեմ կամ տեղեկացնեմ, սիրելի Պէպօ, որ 1988 թուականի Դեկտեմբերին Ղարաբաղ կոմիտէի ձերբակալութիւնէ յետոյ վեց ամիս շարունակ ամբողջ շարժումի առաջնորդութիւնը եղել է միայն ինձ վրայ: Եւ դա եղել է ամենածանր ու վտանգաւոր ժամանակներին, երբ վերակառուցող Սիստեմը Հայաստանը, մասնաւորապէս Երեւանը, լցրել էր հրասայլերով ու յատուկ նշանակութեան զօրամասերով, որոնց զինուորները առանց աչք թարթելու, ձեռքի մետաղեայ ու փոքրիկ թիակներով կարող էին կոտորել խաղաղ ժողովուրդին: Ես այդ էլ տեսել եմ: Նկատի ունեմ Թիֆլիսի ջարդը:[dcccxvi]
1990-ի գարնանը, երբ «Չիկագո հերալդ թրիբիւնի» թղթակիցը իմ տանը, որպէս հանրապետութեան ապագայ նախագահի՝ ինձ հետ հարցազրոյց ունեցաւ, ես յետ քաշուեցի ասպարէզէ, քանի որ արուեստագէտ մարդը բնաւ չի կարող երկիր կառավարել: Ինչո՞ւ «որպէս հանրապետութեան նախագահի» եւ ինչո՞ւ այդ զրոյցէ յետոյ: Այդ մի շրջան էր, որ հասարակութիւնը ինձ էր տեսնում որպէս հանրապետութեան նախագահ եւ փողոցում իմ դիմաց ելած անծանօթ մարդիկ, որոնք համարձակւում էին մօտենալ ու բարեւել՝ անպայման ձեռքս էին փորձում համբուրել: Եւ ձեռք համբուրելու փաստը արձանագրելով էլ, լրագրողը պնդեց, թէ ես պատրաստւում եմ նախագահ ընտրուելու, բայց թաքցնում եմ այդ ծրագիրը: Իսկ ինչո՛ւ արուեստագէտ մարդը չի կարող երկիր կառավարել: Որովհետեւ այս դէպքի համար երկու տարբերակ գոյութիւն ունի. երկիր կառավարելու յանձնառութեամբ գրողը մի պարագայի դառնում է յանցագործ զգացական, իսկ միւս պարագայի, եթէ տրւում է իշխանութիւն ունենալու գայթակղութեան, ապա դառնում է ամենադաժան հարստահարող՝ առանց ամօթի, առանց բարոյականութեան եւ առանց խղճի:
Այնուհանդերձ, ենթարկուելով բարոյական ճնշումի, նոյն թուականի աշնանը յանձն առայ Մամլոյ նախարարի պաշտօնը մէկ պայմանով միայն՝ լուծարելու այդ նախարարութիւնը որպէս ազատ միտքը եւ ազատ խօսքը բռնադատող մեքանիզմ, որ ստեղծել էր Սիստեմը բրեժնեւեան[dcccxvii] տարիներին:
Հազիւ մէկ տարի անց հրաժարուեցի այդ պաշտօնէն եւ հրաժարականի մէջ իմ այդ քայլը բացատրել էի երկրի հասարակական եւ քաղաքական ընթացքի կտրուկ շեղումով:
Հիմա քեզ մնում է, սիրելի Պէպօ, որ ինքդ որոնես ու գտնես այն պատճառները, որ ես դարձայ քաղաքական վտարանդի:
Թէեւ դժուար էլ չէ պատասխան ունենալը:
Ինքդ ես դրել երկընտրանքը. «Ինչո՞ւ քաղաքական վտարանդի, երբ անկախութեամբ բազմակարծութիւնը արդէն նուիրագործուած իրականութիւն է»:
Ուրեմն, ինչո՞ւ յայտնուեցի վտարանդիութեան մէջ: Ինչ որ մի սխալ չկա՞յ արդեօք: Ինչո՞ւ չեմ հանդուրժել Անկախութեան ու բազմակարծութեան նուիրագործուած իրականութիւնը կամ գուցէ Անկախութեան ու բազմակարծութեան նուիրագործուած իրականութի՞ւնը ինձ չի հանդուրժել…
Ի՞նչ ես կարծում: Ո՞րն է ճշմարտութիւնը:
Գուցէ կարողացել եմ քո աչքին փոշի փչել՝ տարիներ շարունակ քեզ ներկայանալով որպէս ճշմարիտ ոգեմիտ մարդ, իրականութեան մէջ, սակայն, լինելով ամենավերջին ստահա՞կը: Գուցէ այդ իրականութի՞ւնը որեւէ կապ չունի Անկախութեան, առաւել եւս բազմակարծութեան նուիրագործումի հետ…
Չգիտեմ… Չգիտեմ… Չգիտեմ…
Եթէ պատասխան գտնես՝ շնորհակալ կլինեմ…
… Յամենայն դէպս, բնաւ չէի ուզենայ յայտնուել այս իրականութեան մէջ, որ Կագէբէն անուանել է սփիւռք: Մի անհեթեթ իրականութիւն, որտեղ մարդիկ ապրում են պատրանքներով եւ որեւէ պարտաւորութիւն չունեն, չեն էլ ուզում ունենալ ազգային ճակատագրի նկատմամբ:
Ինչ ուզում ես ասա, բայց շատ քչերը, աւելի ճիշդ՝ բացառիկ անհատականութիւնները կարող են պատասխանատուութիւն զգալ երկրի ու ազգի ճակատագրի նկատմամբ: Մնացեալը գոհ ու երջանիկ են, որ «հայրենիք մը ունին», «գոնէ սա պզտիկ կտորը պիտի պահենք», «ով կ’ուզէ թող ըլլայ իշխանութեան գլուխը, մենք մեր հայրենիքի[ն] հետ պիտի ըլլանք»… Այսինքն մենք գործ ունենք կատարեալ հիւանդ մի հասարակութեան հետ… թէ՛ երկրի եւ թէ՛ արտասահմանի հայ համայնքների մէջ:
… Եւ այս ամէնի վրայ՝ կաթողիկոսութեան գահին նշանակուած երբեմնի արքեպիսկոպոսը, որ գրեթէ երեսուն տարի առաջ, Պէյրութի մէջ, ազգային ոգեղէնութիւն էր ինձ ներշնչում: Ես միշտ երախտապարտ եմ Գարեգին սրբազանին, բայց Գարեգին կաթողիկոսը եկաւ լրացնելու կամակատար ու անհաւատ այն կաթողիկոսների շարքը, որոնցմէ առաջիններէն մէկին Միքայէլ Նալբանդեանը միամտօրէն անուանել էր «կնաթողիկոս», բնաւ չպատկերացնելով, թէ ինչպէս կարող է Տէր Տէրը դառնալ գետնաքարշ մի տէրտէր:
Յաջորդ օրը՝ 26 Հոկտեմբեր
Առաւօտ
Ի դէպ, մի քանի ժամանակ է, ինչ զբաղուած եմ վերստին արտագրելով իմ վէպը՝ «Ազատութեան ասպետն ու նահատակը», որ ժամանակին լոյս տեսաւ Մոսկուա եւ արգելուեց հայերէն բնագրի հրատարակութիւնը:
Բանն այն է, որ 1974 թուականէն ի վեր կռիւ տալով դասական ուղղագրութիւնը վերականգնելու համար, որոշեցի ինքս անցնել գործի եւ արտագրելուն զուգընթաց՝ մշակել նաեւ որոշ ընդհանուր կանոններ մեր երկու գրական լեզուների համար:
Միեւնոյն ատեն գրում եմ «Հայերէնի ներածութիւն. Լեզուն գաղափարաբանազերծելու փորձ՝ գիտական, փաստագրական, սթափ եւ յուզական հրապարակախօսութեան, ինչպէս նաեւ յուշագրութեան ընձեռած բոլոր հնարաւոր միջոցներով»:
Արդէն իսկ նկատել ես, որ, օրինակ, «ամէն=բոլոր» եւ «ամեն-եղիցի» բառերի նկատմամբ իմ շարադրանքի մէջ ընդունում եմ «բոլոր» բառիմաստի Է-ով գրութիւնը ամէնուրեք, հրաժարուելով անիմաստ այն աւանդութիւնէն, երբ բարդացումների ատեն «ամէն»-ի Է-ն դառնում է Ե:
Անունդ՝ «Պեպո», չեմ գրում «Պեպօ», քանի որ ոչ մի տեղ չես գտնի «Պեպաւ» ձեւը: Ինչպէս, օրինակ, «Պօղոս»-ի պարագային, երբ Օ է դարձել «Պաւղոս»-ի ԱՒ-ը:
Արեւելահայ գրական լեզուի եօթը հոլովներէն սղել եմ բացառականի ԻՑ-ը եւ հրաժարուել ներգոյականէն: Ընդհանրապէս, հայ համայնքների մէջ չգիտեն, որ ժամանակին, երեւի թէ երեսուն տարի առաջ, այդ խնդիրը դարձաւ գաղափարական հարց, որ լուծեց «Սովետական Հայաստան» թերթի մէջ տպագրուած մի յօդուած, որի հեղինակը որեւէ առնչութիւն չունէր լեզուաբանութեանը:
Դերանունների բացառական ձեւն օգտագործում եմ գրաբարի սկզբունքով, որ ընդունուած է եղել արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական լեզուները մշակողների կողմէ, բայց մոռացուել եւ այլակերպուել է հետագային՝ բարբառախեղդ լինելու պատճառով: Ինձնից կամ ինձանից նոյնքան վայրենութիւն է, որքան ինձմէ-ն կամ քեզմէ-ն: Գրաբարի մէջ Խորենացիէն ու Մագիստրոսէն ի վեր ընդունուած է ինձէ, քեզէ ձեւերը, որոնք ճիշդ են, որովհետեւ մեր լեզուի արմատներէն են գալիս:
Հէնց այնպէս չեմ պատմում այս ամէնը: Դու տասնամեակներ շարունակ ուսուցանել ես դասական ուղղագրութիւնը եւ հմուտ ես այս գործի մէջ: Կուզենայի լսել քո առարկութիւնները կամ դիտողութիւնները…
Վէպը նորէն արտագրելուս պատճառներէն մէկն էլ այն է, որ ռուսերէն հրատարակութեան ընթացքին թարգմանութիւնը ենթարկուեց բարբարոս գրաքննութեան: Փաստօրէն, վերականգնում եմ ոչ միայն կրճատուած էջերը, այլեւ շտկում եմ աղաւաղումները, որոնք յայտնուել էին կրճատումների հետեւանքով: Միեւնոյն ատեն անհրաժեշտութիւն զգացուեց ծանօթագրութիւնների, ինչպէս նաեւ հեղինակի մեկնաբանութիւնների, որովհետեւ սովետական գրականութիւնն ու պատմագիտութիւնը, ինչպէս յայտնի է, ամէն բան, նոյնիսկ անվերապահ փաստը շրջել, կեղծել ու յարմարեցրել է իր գաղափարախօսութեան:
Յոյս ունեմ, որ մինչեւ այս տարուայ վերջ գործս կաւարտեմ: Բաւականին հետաքրքիր մտայղացումներ ունեմ, նաեւ կիսատ գործեր՝ պատմուածքներ, թատերգութիւններ, վէպ, որոնք պէտք է աւարտեմ, քանի դեռ այս անդրշիրիմեան կեանքին մէջ ես էլ չեմ դարձել անմարմին ու անզգայ մի հոգի: Իսկ վէպը, որ 1991-ի հրատարակչական ծրագրի մէջ էր Մոսկուա, սկսել եմ 86-ին, գրել եմ մէկ երրորդէ աւելին եւ կոչւում է «Զօրականն ու Առաջին Ուսուցիչը կամ Մեսրոպ Մաշտոց»: Նոյնիսկ պայմանագիր ունէի այն հրատարակչութեան հետ, որ լոյս էր ընծայել «Նալբանդեանը»… Բայց դէպքերն այնպէս զարգացան, որ Երեւան սկսած վէպը, եթէ, անշուշտ, վերադարձի ճամբաս փակ մնայ դէպի «անկախութեան ու բազմակարծութեան նուիրագործումով» իմ երկիր, կաւարտեմ Փարիզի մէջ:
Առաւել եւս ափսոսում եմ այս անաւարտ վէպի համար, քանի որ հետեւեալը պիտի լինէր «Խորենացին»: Ասել կուզէի, բաւականին ընդարձակ ծրագրեր ունէի, որոնք առայժմ անկատար են մնացել…
Շատ ափսոս…
Նոյն օրը, երեկոյ
Շատախօսում եմ, չէ՞…
Չափազանց հպանցիկ ես խօսում Ազատուհու եւ զարմիկներիս մասին: Ի՛նչ կուզես՝ ասա, բայց որ գրեթէ աչքերիս առաջ ծնուած Տիգրանն ու Ռազմիկը համալսարանաւարտներ են արդէն, անհնար է պատկերացնել: Ի՜նչ բախտաւորութիւն է, որ որդիներդ ինքնուրոյն կեանք ունեն: Ինչ վերաբերում է թոռնիկներին, ապա նրանք էլ վաղ թէ ուշ կգան: Եւ բնաւ չկարծես, թէ պապիկ լինելը ինչ-որ ուրիշ մի բան է… Չէ՜… Պապիկ լինելը նաեւ այն առաքելութիւնն ունի, որ բոլորովին ազատ եւ առանց վտանգաւոր հեռանկարների կարող ես սիրահետել երիտասարդ տատիկների:
Ի՜նչ լաւ է, որ Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի մէջ «նոր մարդիկ», առաւել եւս «չբացառուող հարազատներ» չեն յայտնուել եւ Ազատուհին հնարաւորութիւն ունի ոչ միայն շարունակել իր սիրած գործը, այլեւ գրում է… Բայց ափսո՜ս որ միայն հայ կին արժէքների մասին: Կամ էլ ափսո՜ս, որ ես էլ ոչ միայն կին չեմ, այլեւ կին արժէք էլ չեմ… Մեզ, սիրելի Պէպօ, մնում է ոտքի ելնել ու պայքարել յանուն տղամարդկանց émancipation-ի:[dcccxviii]
Բոլորիդ համբուրում եւ ջերմօրէն բարեւում են իմոնք:
Տոկալու, «նոր մարդոց» տմարդութիւններէ չընկճուելու, ողջ ու առողջ ազգային փրկութեան լաւ օրերը միասին տեսնելու մաղթանքներով,
Քո՝
[ստոր.՝ Կարէն Ս. Սիմոնեան]
* * *
Փարիզ, 12 Մարտ 1998[dcccxix]
Սիրելի Պէպօ,
Վաղուց ստացել եմ 30 Դեկտեմբեր 1997 թուակիր նամակդ, որն աւարտել էիր «եթէ պատասխանելու ըլլաս…» ենթադրութեամբ: Սոյն նամակիս ուշանալը, ըստ երեւոյթին քեզ արդէն ներշնչել էր, որ «պատասխանելու չպիտի ըլլամ»: Եւ, անշուշտ, կռահումդ կամ ներշնչումդ հիմնովին վրիպակ է, քանզի, ահաւասիկ, նամակս ձեռքիդ է:
Սխալանքս այն էր, որ տեղնուտեղը չնստեցի քեզ գրելու: Զբաղուած էի «Ազատութեան Ասպետն ու Նահատակը կամ Միքայէլ Նալբանդեան» վէպիս վերաշարը աւարտելու գործով: Նախորդ նամակիս մէջ արդէն գրել էի, թէ մտադիր եմ մինչեւ տարեվերջ աւարտել: Մտածում էի, թէ ուր որ է կաւարտեմ ու նոր լուր կու տամ Պէպոյին, թէ հուռա՜… Կարեւոր մի գործ աւարտեցի: Իսկ վէպը վերաշարելն խիստ անհրաժեշտ էր, քանի որ փոխեցի ուղղագրութիւնը՝ վերածելով դասականի: Եւ հետաքրքիրն այն է, որ ուղղագրութեան հետ հարկ եղաւ վերանայել զուտ լեզուական մի քանի խնդիրներ, ինչպէս արդէն գրել եմ նախորդ նամակիս մէջ, ակնկալելով քո փորձառու կարծիքը, որ այնպէս էլ չստացայ: Լեզուական խնդիրները ծնել էր ոչ միայն վարչարարութեան ներքոյ տառապած գրական արեւելահայերէնը, այլեւ անտէրութեան մատնուած եւ պոլսահայ բարբառով ապականուած գրական արեւմտահայերէնը՝ Սիամանթոյի, Վարուժանի, Զոհրապի լեզուն:
Բայց միայն դասական ուղղագրութեան խնդիրը չէր, որ ինձ ստիպեց երկար աշխատել: Շատ կարեւոր էին նաեւ ծանօթագրութիւններն ու հեղինակային մեկնաբանութիւնները, որոնց աղերսը պայմանաւորուած էր վէպն ընդգրկող ժամանակաշրջանի մասին ճշմարտութեան եւ հետագայ տասնամեակների, մասնաւորապէս գաղափարականացուած Սիստեմի թունաւոր քարոզչութեան հետեւանքով արմատացած բազմաթիւ կեղծիքներ հերձող արտաշարադրանքային ներմուծումներով: Այնպէս որ, հեղինակային ծանօթագրութիւններն ու մեկնաբանութիւնները, ինձ համար էլ անակնկալ՝ ստացան ինքնուրոյն արժէք:
Այնուհետեւ… Այնուհետեւ ծանր հիւանդացայ եւ միայն այս երկու-երեք օրն է, ինչ ուշքի եմ եկել: Պառկած էի 39° ջերմութեամբ, բրոնխների սոսկալի բորբոքումով եւ կատարեալ ընդարմացած վիճակի մէջ: Երբ ջերմութիւնս փոքր-ինչ իջնում էր՝ մեծ երջանկութիւն էր ինձ համար թէկուզ եւ ծանրացած գլխով կարդալը: Իսկ կարդալու անհրաժեշտ գրքեր կան ձեռքիս տակ: Ինձ համար անակնկալ էին Կոմկուսի Քաղբիւրոյի մի քանի անդամների՝ Ստալինէ սկսեալ, սիրուհու՝ Մեծ Թատրոնի երգչուհի Դավիդովայի[dcccxx] յուշերը, որոնք ընդգրկում են 30-60-ական թուականները, ինչպէս նաեւ Կագէբէի գեներալ-լէյտենանտ Պաւել Սուդոպլատովի[dcccxxi] «Յատուկ գործողութիւններ. Լիւբիանկան[dcccxxii] եւ Կրեմլը 1930-1950-ական թուականներին» խոստովանութիւնները: Երկուսն էլ հրատարակուել են արտասահմանի մէջ եւ երկուսն էլ թարգմանուել անգլերէնի ու ֆրանսերէնի կարծեմ: Եթէ կ’ուզենաս գիտենալ, թէ մեր «հայրենասէր» էմիգրացիան[dcccxxiii] ինչպէս է ծառայել այդ հրէշաւոր գաղտնի սպասարկութեանը, գտի՛ր եւ կարդա՛: Անշուշտ, շատ բան էր բացայայտուած յատկապէս 89-է յետոյ սովետական մամուլի մէջ յայտնուած հրապարակումներէ, բայց այս գիրքը ինձ ուղղակի ցնցեց:
Իսկ հէնց այս նամակը գրելիս զուգահեռաբար կարդում եմ Դերենիկ Դեմիրճեանի՝ մինչեւ հիմա անտիպ մնացած թատերգութիւնները: Բանն այն է, որ մի աշխատասիրութիւն էի գրել «Վարդանա՞նք, թէ՞ Վասակեաններ» նիւթով եւ այդ առիթով անդրադարձել էի «Վարդանանք» վէպին՝ ջանալով այն դիտել սոցռէալիզմի ժանգը հնարաւորին չափ մաքրելէ յետոյ: Ես յիշում եմ ճշմարիտ այդ Վարպետին, երբ Գրողների տանը մի ժողովի ատեն նստած էր բեմի վրայ: Արդէն ծեր, մուգ ակնոցով, լուռ… Ինչ-որ մի պահի, չգիտեմ ինչո՜ւ, հանեց ակնոցը եւ երբ դէպի ինձ շրջուեց կիսադէմով՝ ապշեցի. ճիշդ Վոլտերի կիսադէմն էր ըստ այն քանդակի, որ գտնւում է Սանկտ-Պետերբուրգի Էրմիտաժի սրահը: Ճիշդ նոյն չորցած դէմքը եւ նոյն հեգնական, թեթեւ ժպիտը շրթունքների վրայ: Այդ մարդը ամէն բան հասկանում էր, նա գիտէր նաեւ իր հզօր գրող լինելը, բայց աչքը վախեցրել էին նոյն իր «հարազատ» ընկերները, որոնք լիուլի վայելում էին Սիստեմի տուած արտօնութիւնները: Եւ երբ Դեմիրճեանի նոթերի մէջ կարդացի հեղինակային այն մեկնաբանութիւնը, թէ՝ «Քաջ Նազարը[dcccxxiv] մի սատիրա է… Ձեւը հեքիաթական է, ուստի եւ դիտումնաւոր, պայմանական եւ ֆանտաստիկ: Սակայն բովանդակութիւնը լուրջ քննադատութիւնն է այն իրականութեան, որ տեղի ունէր մեզ մօտ խորհրդայնացումից առաջ եւ շարունակում է գոյութիւն պահպանել Խ. Միութիւնից դուրս, կապիտալիստական ֆէոդալական կարգերում…»: Ուրեմն, այս տողերը կարդալէ յետոյ լացս եկաւ:
Հիմա գրեցի այս մասին ու մտածեցի, թէ ի՜նչ հետաքրքիր է քեզ այս մասին լսելը: Եւ դեռ ինչե՜ր կան, որոնք պէտք է բացայայտուեն, վերագնահատուեն, վերանայուեն: Խոստանում եմ այլեւս նման խնդիրներով գլուխդ չցաւցնել, թէեւ իմ ժամանակի մի մասն անցնում է եւ դեռ պիտի անցնի ժանգը սրբելով: Վերանայելով: Կեղծիքը եւ փքուած երեւոյթները բացայայտելով ու օճառի պղպջակները պայթեցնելով:
Նամակդ, այսպէս ասած՝ նախատօնական էր եւ այդ էր պատճառը, երեւի, որ չէիր անդրադարձել իմ հարցերին, որոնք որքան էլ հռետորական էին, սակայն ակնկալում էին ինչ-որ վերաբերմունք մտածող մարդու կողմէ:
Այդ հռետորական հարցերը շատ-շատ են: Մենք արդէն ապրել ենք մեր կեանքի երկու երրորդը: Մէկ-երկու տասնամեակ եւս՝ մենք կգնանք մեր նախնիների հետ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած ժամադրութեան եւ մենք էլ մեր տեսակի մէջ ենք դառնալու նախնիներ, եթէ անշուշտ, սերունդներ լինեն: Չեմ կասկածում, որ մեր բոլորիցս սերուածները կլինեն: Հարցն այն է, թէ այդ սերուածները կարո՞ղ են արդեօք ներկայանալ Հայի սերունդներ: Այս պարագային, ես ամէնէն քիչ նկատի ունեմ հայ քայքայուած գաղութները, որտեղ տիրապետողը տասնամեակներ ի վեր ֆանտոմային «հայեցիութիւնն» է, ֆանտոմային «հայրենասիրութիւնը» եւ ֆանտոմային «հայախօսութիւնը» եւ այլն, եւ ոչ թէ Հայ-Քրիստոնեայի Բարոյականութիւնը: Ես նկատի ունեմ Երկրի սերունդը, որի երիտասարդ խաւը գլուխը փրկել է հերթական տոտալիտար[dcccxxv] վարչակարգէ, իսկ մանուկներն էլ մտաւոր ու բարոյական կրթութեան բոլոր հնարաւորութիւններէ կատարելապէս զուրկ են:
Յիշում ես Համելինի Նախշուն սրնգահարին՝ նշանաւոր Առնէտորսին, որ երդմնազանց համելինցիներին ամէնէն ահաւոր պատիժը տուեց նրանց մանուկներին գայթակղելով իր սրնգի նուագով. տարաւ յետեն[dcccxxvi] եւ քաղաքը զրկեց ապագայէ… Ի դէպ, այս ահաւոր յանցագործութեան մասին ես խօսել եմ դեռեւս 85-ին, կարծեմ՝ Հայաստանի Ժուրնալիստների Միութեան համագումարին: Գրաւոր խօսքս պահպանուած է, եթէ հետաքրքրի՝ կարող եմ ուղարկել՝ ծանօթանալու: Ելոյթիս ատեն Կեն[տ]կոմի քարտուղար Կ. Դեմի[ր]ճեանը, որին թիկունքով էի կանգնած ամբիոնի առաջ, իմ յետեւէ, որպէս ամենայետին ստահակ՝ դժգոհութեան ծամածռութիւններ էր անում եւ դրդում, որպէսզի ժողովականները իրենց ծիծաղով ու բացականչութիւններով խանգարեն ինձ: Այն, ինչ ծրագրուած է Սիստեմի կողմէ, իսկ ծրագրուած էր «ազգային հարցը լուծել» սերունդներին իրենց նախնիներէ գողնալով, կտրելով սերունդների ու նրանց հայրերի ու պապերի կապը, շարունակուեց 91-է յետոյ եւ յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին:
Ճշմարտութիւն է եւ, անշուշտ շա՜տ դաժան ճշմարտութիւն: Բայց այս մասին գրում, յիշեցնում եմ ոչ թէ թեւաթափ նստելու, այլ գործելու, առաւել խելացի ու հետեւողական գործելու համար: Հէնց այդ պատճառով էլ յիշեցի մեր ապրելիք կեանքէ մնացած մէկ երրորդի մասին՝ այն էլ, որ միայն Աստուծոյ կամքն է:
Ես, անշուշտ, գիտեմ իմ անելիքը: Բայց մէկ մարդու գործ չէ դա: Համախոհների ու նուիրեալ համախոհների գործ է: Համախոհութիւնն էլ նախապայման ունի: Անհրաժեշտ է համախոհութիւնը ոգեմիտների, որոնք ամէնէն առաջ չեն բաժանում պոլսահայերի ու բէյրութահայերի, փարիզահայերի ու սիրիահայերի, ամէնէն ահաւորը՝ հայաստանցիների եւ սփիւռքահայերի: Ինչո՞ւ ահաւոր, որովհետեւ այս վերջին պարագային ազգը բաժանւում է իրականի եւ վերացականի: Համախոհութեան միակ նախապայմանը այն գիտակցութիւնն է, թէ մենք Հայ ենք: Բոլորս: ՀԱՅ ենք:
Կամ՝ ՉԵՆՔ:
Նա, ով համոզուած է, թէ ՀԱՅ ՉԵՆՔ, որեւէ ազգային հեռանկարի հետ եզր ունենալ չի կարող, քանի որ շարունակելու է ազգային միասնականութեան քայքայումը, որ սկսեց Կագէբէն դեռեւս քսանականներէն եւ շարունակում է մինչեւ այսօր:
Իսկ եթէ ՀԱՅ ենք, եթէ ունենք ազգային գիտակցութիւն, հետեւաբար նաեւ Պատասխանատուութիւն, ապա մեզ համար կուսակցութիւններէ ու վարչախմբակներէ վեր կանգնած պիտի լինի Ազգային Գերագոյն Շահը…
Տեսա՞ր, հիմա էլ ընկայ այս ջրերը: Ներողամիտ կլինես: Իմ անցեալ նամակիս մէջ նոյնպէս ինչ-ինչ ջրեր էի ընկել եւ քո խելամիտ լռութիւնը ինձ պէտք է յուշած լինէր, որ սրանք հարցեր են ու խնդիրներ, որոնք գուցէ թէ քեզ հետաքրքրեն զուտ ընթերցելու իմաստով, բայց որոնց գոյութեան նկատմամբ հասկանալի անտարբերութիւն ունես…
Ֆրանսահայ իրականութեան մէջ Ազգային Գերագոյն Շահի նկատմամբ որեւէ նախանձայոյզի չեմ հանդիպել եւ արդէն իսկ յայտնի է, որ չեմ էլ հանդիպելու: Քանի որ նրանք, այդ նախանձայոյզ[ն]երը պարզապէս չկան: Վերացել են: Երբեմնի եղածները վաղուց հեռացել են կեանքէ:
Եւ այսպէս գրում եմ սոսկ ինքս ինձ համոզելու, վերջնականապէս համոզելու համար, որ նրանք վերացել են ամէնուրեք՝ չնչին բացառութիւններով: Իսկ ինչո՞ւ եմ ուզում վերջնականապէս համոզուել… Աւելի վստահ գործելու համար: Քանի որ, հակառակ ամէն տեսակի եւ գոյնի «հայրենասէրներէ» ի տարբերութիւն, ես Երկիր ունեմ, ուր դեռ պիտի գնամ եւ ոչ թէ բաւարարուեմ պղատոնական սիրով: Եւ այդ Երկիրը ԻՄՆ է: Այդ Երկրի տէրը ԵՍ եմ: Նրա ճակատագիրը ԻՄ ճակատագիրն է, նրա տառապանքը ԻՄ տառապանքն է, նրա վախճանը ԻՄ վախճանն է եւ այդ Երկրի անմահութիւնը ԻՄ անմահութիւնն է: Ես տունդարձի ճամբայ ունեմ գնալու:
Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ սփիւռքի հիւանդ հասարակութիւնը չի կարողանում մարսել Առողջ մարդու իմ գոյութիւնը:
… Երեք տարի առաջ էր: Անահիտը վերադարձել էր Երկիր, իսկ ես սպասում էի բարենպաստ լուրերի, որպէսզի ինքս էլ վերադառնամ: Բնական է, ապրուստի որեւէ միջոց չունէի: Աստուած վրաս նայեց, եւ հիւանդութիւն էլ չունեցայ, թէեւ, երբ աչքի խնդիր ծագեց, քաղաքապետարանը ինձ, որ դեռ ոչ մի կարգավիճակ չունէի, պատրաստակամութիւն յայտնեց 6000 դոլար՝ 30000 հազար ֆրանկ յատկացնել, եթէ վիրահատութեան անհրաժեշտութիւն ունենամ: Փառք Աստուծոյ, լազերով ապաքինեցին եւ խնդիրը այդքանով գոցուեց: Բնական է, որ հէնց այդ ժամանակ էլ պատրաստ էի աշխատել: Մէկը հետաքրքրուեց, թէ, օրինակ, ի՞նչ աշխատանք կանէի: Թշուառականը երեւի կարծում էր, թէ ակնկալիքս մտաւորականի աշխատանք պիտի լինէր, որպիսին երբե՛ք չէր կարող տրուել «ինչ-որ մի հայաստանցու»: Պատասխանեցի, որ եթէ դռնապանի, այսինքն բակ ու փողոց աւլողի աշխատանք լինի՝ սիրով կանեմ: Ու նաեւ պատմեցի ռուս մեծագոյն գրողներէ մէկի՝ Անդրէյ Պլատոնովի մասին. որին «մեծահոգաբար» աշխատանք էին տուել եւ նա ամէն առաւօտ աւլում էր Մոսկուայի Գրականութեան ինստիտուտի բակը: Մի անգամ ինստիտուտ է այցելում Ալեքսանդր Ֆադէեւը, որ Գրողների միութեան քարտուղարն էր, ինստիտուտի տնօրէնի պատուհանէ տեսնում է բակը աւլողին եւ հարցնում է, թէ ո՜վ է նա: Անշուշտ քաջ գիտնալով, թէ ով է այդ դռնապանը, «Մեր դռնապանն է»,– պատասխանում է տնօրէնը: Այս խօսքի վրայ Ֆադէեւը ասում է. «Նա մեծ գրողն է, իսկ դռնապանը ես եմ»:
Ես նաեւ պատմեցի Բուլգակովի[dcccxxvii] մասին, որին նոյնիսկ թատրոնի հանդերձապահի կամ յուշարարի գործ չէին տալիս:
Ու թէեւ Պլատոնովն ու Բուլգակովը տոտալիտար վարչակարգի զոհերն էին, այնուհանդերձ, ես հպարտ էի դռնապանային աշխատանքի իմ երազանքով, քանի որ մեծ գրողի ճակատագիրը միշտ իր հետ է՝ լինի տոտալիտար վարչակարգի, թէ սփիւռքահայ «հայրենասիրութեան» իրականութեան մէջ:
Վերջապէս, իմ բարի խորհրդատուն մի շա՜տ արժէքաւոր խորհուրդ տուեց… Այդ խորհրդով, ինչպէս ինքն է ասում՝ փոխադարձել էր ուզում այն օգնութիւնը, որ ես ցուցաբերել էի իր նկատմամբ: Դեռեւս 90-ին, երբ Փարիզ էի եւ երբ «մտաւորականներէ» սկսեալ մինչեւ առեւտրականները հերթագրւում էին ինձ հետ նախաճաշ համ ճաշ անելու համար, հորիզոնի վրայ յայտնուեց նաեւ այս մէկը՝ Յովհաննէս կամ Ժան Բուչակչեանը, որ զբաղուած էր տեքստիլի[dcccxxviii] արտադրութեամբ ու վաճառքով, եւ խնդրեց իրեն օգնել, որպէսզի գործարար կապեր հաստատի Հայաստանի հետ։ Խոստացայ եւ արեցի։ 91, 92 եւ 93-ին գալիս-գնում էր Հայաստան եւ ամէն անգամ հիւրս լինելով, նաեւ նախարարական իմ երկրորդ ինքնաշարժով ուղարկում էի Գորիս, որտեղ հիմնել էր գործարար յարաբերութիւնները… 93-ի Սեպտեմբերին մեր տանը ճաշելիս իմացաւ, որ Անահիտի հետ պատրաստւում ենք երկու ամսով մեկնել Ֆրանսա՝ ձմեռն անցկացնելու: Պարզուեց, որ ոչ միայն իր հիւրն ենք լինելու, այլեւ մեզ պիտի պտտցնէ Ֆրանսայով մէկ:
Հասանք Ֆրանսա: Հեռաձայնեցի: Զբաղուած էր: Երկու ամիսն անցաւ: Անահիտը վերադարձաւ Երկիր: Մի օր էլ՝ հեռախօսի զանգ: Աղջիկս է վերցնում լսափողը: Յովհաննէս-Ժանն է: Ափսոսում է, որ գործերի բերումով ժամանակ չունեցաւ հանդիպելու եւ ափսոսում է, որ առանց իրենց տեսնելու արդէն մեկնել եմ: Աղջիկս յայտնում է, որ ես դեռ չեմ մեկնել: Մարդը բաւականին նեղուելով, խոստացաւ, որ կանցնի… Եկաւ: Իմացաւ, որ վերադարձս հարցականի տակ է: Այլայլուեց: Հանգստացրի՝ ասելով, որ որեւէ բանի կարիք չունեմ: Ուրախացաւ: Եւ, ինչպէս արդէն ասացի՝ որպէս փոխադարձ օգնութիւն, խորհուրդ տուեց քաղաքի հրապարակների վրայ, շաբաթուայ տարբեր օրերի, շուկաները գոցուելէ յետոյ մի սայլակով հաւաքել ստուարաթղթէ եւ փայտէ արկղները եւ տանել յանձնել գործարան:
Ես կարող էի ինքս խնդրել դռնապանի աշխատանք եւ, ի հարկէ չստանալ: Բայց երբ մի «հայրենասէր» համարձակւում է որպէս փոխադարձ լաւութիւն շուկայի մնացորդը հաւաքել, այլեւս մտածում ես, այլեւս վստահ ես, այլեւս վերջնականապէս համոզւում ես, որ հայի ծնունդը ոչ թէ իր հայութիւնն է անվերադարձ կորցրել, այլեւ Մարդկային բարոյականութիւնը… Հիմա արդէն գլխի ընկար անշուշտ, թէ ինչու այս երկար-բարակ պատմութիւնն արեցի: Պարզ է, որ հաստատելու համար իմ այն միտքը, թէ հայ քրիստոնեայի բարոյական արժէքների անվերադարձ կորուստներ ենք ունեցել եւ ինչ-որ բան դեռեւս փրկել հնարաւոր է ոչ թէ վերացական հայրենասիրութեամբ, ոչ թէ փանջունիական կուսակցականութեամբ եւ ընդհանրապէս կուսակցական եալանչիութեամբ,[dcccxxix] որ բնաւ չի նպաստում գաղափարներ կոփելու, այլ Երկրէն օտարացած փուչ մարդկանց ձեռքը տալով, Ազգը դէպի հերթական զոհասեղան ճամբայ դնելու գործն է ապահովում:
… Եթէ չհաշուենք իմ անցկացրած ծանր հիւանդութիւնը, եթէ Երեւանի երկու մեր հարազատների մահուան կսկիծն ու ցաւը կարողանանք կրել արմունկներս կրծելով ու մեր միայնութեան մէջ, ապա մնացեալէն դժգոհելու որեւէ առիթ չունենք: Թէ՛ նիւթական եւ առողջական ապահովութեան եւ թէ՛ ֆրանսական (ոչ երբեք ֆրանսահայ) գրականութեան ու արուեստից հասարակական կեանքի մէջ արժանապատիւ մասնակցութեան հնարաւորութիւնը է՛լ աւելի ոյժ է տալիս ստեղծագործելու եւ է՛լ աւելի ինքնավստահութիւն՝ տունդարձի ճամբան նաեւ սեփական գործունէութեամբ ու ջանքերով հարթելու համար:
Մեր բոլորի ջերմ եւ համբոյրախառն բարեւները Ազատուհուն ու զաւակներիդ:
Միշտ քո՝
[ստոր.՝ Կարէն ԱՍիմոնեան]
* * *
Փարիզ, 14 Յունիս 1999[dcccxxx]
Սիրելի Պէպօ, Ազատուհի եւ տղերք,
Ե՞րբ էր, որ ստացայ նամակը, որին պատասխանելը շարունակ ձգձգուեց:
Վաղո՛ւց, շատ վաղուց…
Բայց հիմա էլ այս երկտողը նամակ չհամարէք: Նամակս դեռ յաջորդելու է: Երեւի այս անգամ՝ շուտով:
Բանն այն է, որ մի շատ ծանր պարտականութիւն ստանձնեցի, որի ծայրն արդէն կարծես թէ երեւում է: Անցեալ տարուայ Օգոստոս ամիսէն ի վեր թարգմանում էի «Քրիստոնէական» ծաւալուն, շուրջ 1000 էջնոց կրօնուսոյցը: Քանի որ ժամանակը շատ սեղմ էր, ուստի օրական աշխատել եմ 14-16 ժամ, գրեթէ անընդհատ, եթէ չհաշուենք սուրճ խմելս, ընդ որում ինքս էլ եփում եմ՝ ընդմիջում ունենալու նպատակով:
Շարունակ յետաձգում էի նամակ գրել[ը], քանի որ ամէն օրուայ վերջին, սոսկալի յոգնած՝ նաեւ ձեւի համար չէ, որ պէտք է գրէի, այլ՝ զրոյցը շարունակելու:
Հիմա արդէն սկսուեց նոր փուլը, որի ընթացքին սրբագրելու եմ համակարգչային շարուածքը, որպէսզի գնայ տպագրութեան:
Այս երկտողը գրում եմ վստահեցնելու համար, որ լռութիւնս բնաւ էլ մոռացումի նշան չէ:
Ես եւ բոլորս սիրում ու կարօտում ենք:
Յատկապէս այս սոսկալի ամայութեան մէջ:
[ստոր.՝ Կարէն Ա. Սիմոնեան]
* * *
- SIMONIAN Karen
25, place S. Allende
94140 Alfortville
FRANCE
Փարիզ, 22 Յուլիս 1999[dcccxxxi]
Սիրելինե՛ր,
Ստացայ 6 Յուլիս 1999 թուակիր նամակը, որ լի էր ամէն տեսակի անակնկալներով: Ընդ որում՝ բոլորն էլ հաճելի, նոյնիսկ վիրահատութիւնների լուրը, քանի որ ամէն բան բարեյաջող է աւարտուել: Պէպօ՛, սիրելիս, կարծես թէ ձեռքս թեթեւ էր… Եթէ չեմ սխալւում, առաջին վիրահատութիւնդ Երեւանի մէջ էր եւ հիւանդանոցն էիր, երբ «Գրական Թերթ»ի մէջ լոյս տեսաւ քո բանաստեղծութեան մասին իմ յօդուածը: Յիրաւի, երանի՜ այդ օրերին:
Առաւել եւս անսահման ուրախութիւն է մեզ համար յառաջիկայ հանդիպումը: Անհամբեր սպասում ենք: Անշուշտ, ահագին բան կայ, որի շուրջ զրուցելու ենք:
Այնուհանդերձ մի քանի մանրամասն… «Քրիստոնէականը» առանձին մէկ հեղինակ չունի: Շուրջ տասը տարի առաջ այդ վիթխարի աշխատութիւնը աւարտել է կարդինալ Եոզեֆ Ռացինգերի[dcccxxxii] գլխաւորութեամբ եպիսկոպոսական մի խոշոր խումբ: Ճշգրիտ վերնագիրն է՝ «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցու»: Բնագիրը լատիներէն է, ֆրանսերէնը նոյնպէս բնագրային արժէք ունի: Ձեռքիս տակ եղել է նաեւ անգլերէն հրատարակութիւնը: Արեւելահայ գրական լեզուով հրատարակութիւնը իրականացնելու է Վատիկանի հրատարակչատունը: Թարգմանութեան յանձնարարութիւնը, բնական է, Վատիկանինն է: Յոյս ունեմ, որ մինչեւ ձեր գալը աշխատանքը հիմնական աւարտուած կլինի: Շատ անհամբեր եմ: Ես դեռ վաղուց այն համոզումն եմ ունեցել (նոյնիսկ վէպ գրեցի այդ նիւթով), թէ հայի փրկութիւնը միայն ու միայն՝ քրիստոնէական դարձի մէջ է: Ցաւօք, Վազգէն Ա Վեհափառը չհասցրեց Դարձի այդ վիթխարի աշխատանքն սկսել, իսկ Գարեգին Ա. Վեհափառը – հանգստութիւն ոսկորներին – իրեն նուիրեց անիրաւ իշխանութիւնների հեղինակութեանը ծառայելու անշնորհակալ գործին այն պարագային, երբ մոլորեալների հօտը ճշմարիտ հովիւի կարիքն ունէր: Ինչեւէ… Յաջորդ կաթողիկոսը, վստահ եղիր, աւելին չի լինելու, եթէ ընդհանրապէս ապիկար մէկը կաթողիկոսական գահ չելնի իշխանութիւնների թելադրանքով եւ նշանակումով, ընդ որում՝ մոսկովեան, թէ տեղական իշխանութիւնների՝ միեւնոյն[ն] է: Այնպէս որ, սիրելի Պէպօ, մենք եկանք ու հասանք նաեւ այն ժամանակներին, երբ մեր փառաւոր նախնիների օրինակով ստիպուած ենք լինելու մեր ուսերին առնել նաեւ ազգը քրիստոնէական դարձի բերելու ծանր ու տեւական գործը, միաժամանակ քննադատական հայեացքի տակ պահելով Ս. Էջմիածինն ու նրա կղերը:
Տեսնո՞ւմ ես, նաեւ վիճաբանութեան նիւթ եմ քեզ տալիս:
Ինչ վերաբերում է ամայութեանը, ապա այն իսկապէս սոսկալի է, եւ այդ դու էլ շատ լաւ զգացել ես, երբ ելել ես «առաջնորդող մտաւորականութեան փնտռտուքին»՝ ամէնուրեք:
Իսկապէս, ամէն ինչ Աստուծոյ կամքով է: Գոնէ ես՝ բազմիցս համոզուել եմ յատկապէս այս վերջին նժդեհական տարիներիս: Քո սիրտն են կտրատում, իմ հոգին են տապակում, բայց Նրա կամքով շարունակում ենք կատարել մեր վրայ դրուած պարտականութիւնները…
Եւ Տէրն ընդ մեզ, սիրելիներս…
Մինչեւ յառաջիկայ հանդիպում:
Ջերմօրէն ու եղբայրաբար՝
[ստոր.՝ Կարէն ԱՍիմոնեան]
* * *
- Հենրիկ Սմբատեանէն
Երեւան, 15 Դեկտեմբեր [19]68[dcccxxxiii]
Յարգելի Պէպօ Սիմոնեան,
Սրտանց շնորհաւորում եմ Ձեր Նոր Տարին: Ցանկանում եմ Ձեզ նոր ստեղծագործական յաջողութիւններ, Ձեր վարժարանի դասատուներին ու սաներին նոր նուաճումներ ուսման սրբազան գործում եւ բոլորին առողջութիւն ու երջանկութիւն անձնական կեանքում:
Ջերմօրէն՝ ջութակահար
Հենրիկ Սմբատեան[dcccxxxiv]
* * *
- Ստեփան եւ Բերկրուհի Սվաճեաններէն
STEPHEN G. SVAJIAN, D. D. S.
57 Seventh Avenue
Brooklyn 17, N. Y.
NEVINS 8-2771
[Նիւ Եորք,] 28 Փետր[ուար 19]66[dcccxxxv]
Շատ սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Ահա գրեթէ ամիս մըն է որ մեր տիկինը՝ Բերկրուհին ողջ առողջ հասաւ մեր քովը եւ սկսաւ իր պաշտօնին հինգ ամիսներ բացակայութենէն ի վեր:
Այս շրջանին ես հետեւեցայ իր գործունէութեան W C W եւ այդ շրջանակէն դուրս հայ շրջանակին մէջ: Յաճախ գրած էր ձեր մասին եւ շատ զգացումներով արտայայտուած ձեր մասին, նոյնը կը շարունակէ հոս: Ուրախ եմ որ իրարու յարմար ամոլ մըն էք եւ շարունակեցէ՛ք այդպէս, իբր օրինակ ուրիշներուն: Մեր ժողովուրդը իր հայրենի բնակավայրէն դուրս կը դիմագրաւէ արտաքին եւ օտար ազդեցութիւններ, եւ այդպիսի շրջապատի մէջ պահպանել մեր ցեղային դարաւոր արժէքները, արժէքներ որոնք շատ բարձր են կարգ մը ազգերու արժէքներէն, շատ դժուար գործ մըն է: Այս ըսելով չեմ ուզեր ըսել թէ չունինք պակասութիւններ: Ունինք շատ պակասութիւններ որոնց բարելաւման. համար աշխատելու ենք: Ուստի այս է պարտականութիւնը դաստիարակութեամբ զբաղուող մարդոց: Կարծեմ Բերկրուհին այս ուղղութեամբ ջանքեր թափած է եւ գնահատուած պէյրութահայութեան կողմէ: Ուստի մեր ժամանակեայ բաժանումը ունեցաւ իր բարի արդիւնքը:
Սիրելի Պէպօ, շատ շնորհակալ եմ, որ ծանրութիւնը առիք սրբագրելու իմ գրութիւնս որ ղրկեցի «Հայաստանեայց Եկեղեցի» կրօնական թերթին: Երբ տպուի, օրինակ մը կը ղրկեմ Ձեզ[ի]: Մենք ծնանք եւ մեծցանք Առաջին համաշխարհային պատերազմի շրջանին: Թուրքը մեզ թրքացնել ուզեց, եւ թուրք վարժարան յաճախեցինք: Պատերազմին վերջը հազիւ չորս տարի հայ վարժարան յաճախեցի եւ ահա ատոր համար հայերէնս սահմանափակ է: Բայց կ’աշխատիմ զայն չի մոռնալ եւ յաճախ ալ գրելու փորձեր ընել: Մօտ ատենին Ճէպէլ Մուսայի Հայրենակցական Միութիւնը պիտի հրատարակէ իրենց քաղաքի կամ շրջանի պատմութիւնը,[dcccxxxvi] որուն մէջ ունիմ կարեւոր յօդուած մը իրենց ցեղային կազմին շուրջ: Կը յուսամ պիտի կարդաք, եւ մէկ վերջին սրբագրութիւնը ղրկեցի իրենց:
Այսպէս ուրեմն, սիրալիր բարեւներ Ձեզ[ի] եւ Ձեր պարագաներուն, բարեկամներու որ մեզ կը հարցնեն:
Մնամ Ձերդ անկեղծօրէն՝
Ստեփան Սվաճեան
Յ.Գ.– Արդեօք Մէվլէն զատէ Րիֆաթ Պէյի յուշերէն[dcccxxxvii] օրինակ մը կարելի՞ է գտնել Պէյրութ: Հայերէն թարգմանութիւնը Գերսամ[dcccxxxviii] ունի եղեր օրինակ մը:
Դարձերեսի էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Շնորհակալ եմ Ազատուհիին ձեռքով գօփի ընելուն համար: Այդ գրութիւնը կը պահեմ:
* * *
524 Third Street
Brooklyn, N. Y.
11215
Նիւ Եորք, 29 Յունուար 1967[dcccxxxix]
Սիրելի Ազատուհի եւ Պէպօ,
Այս նամակը վերջապէս պիտի գրուէր այս օրերը, բայց հիմա կրկնակ պատճառներ կան: Երեքշաբթի առաւօտ, նախաճաշի ատեն յիշեցի որ գիշերը երազիս մէջ Գոլէճն էի, assembly-ն, բեմին վրայ, վարագոյրին ետեւ նստած: Վարագոյրը, գոց կապոյտ, քաշուած էր, բացի այն տեղէն ուր Silva-ն կեցած էր: Dr. Houk կանչեց զայն եւ արծաթ գաւաթ մը տուաւ սկիհի ձեւով եւ շարունակեց յայտագիրը: Քիչ յետոյ, ետին դարձաւ, զիս կանչեց եւ բաժակ մըն ալ ինծի տուաւ: Ես զարմացայ եւ անհանգիստ զգացի որ զիս ալ կը յիշէ, բայց միեւնոյն ատեն խորհեցայ թէ ճիշդ Silva-ին բնաւորութիւնն է այս, չ’ուզեր մոռնալ ո՛չ անցեալը, ո՛չ ներկան: Նախաճաշէն մէկ ժամ վերջ mailman-ը քու եւ Mrs. Cola-ին նամակը բերաւ եւ երկուքդ ալ նոյն բաները կ’ըսէիք: Ես գաղափար չունէի անհանգիստ ըլլալէն: Կրնաս երեւակայել ինչ կը զգամ, բայց շատ շնորհակալ եմ մեզի գրելնուդ. ցաւ պիտի զգայի եթէ չգրէիք: Այն օրէն ի վեր միտքս յստակ չ’աշխատիր: Այսօր եկեղեցի գացի եւ մոմ վառեցի: Տուն եկանք, Silva-էն հեռագիր մը գտանք շատ ազնիւ: Ես Ձեր նամակին վրայ հեռագիր ղրկեցի իրեն, նաեւ ծաղիկ եւ նամակ: Ճիշդ հիմա Ստեփանը նորէն գրեց իրեն, ես ալ մի քանի տող կ’աւելցնեմ: Առաջին նամակին մէջ ալ գրած էր Ստեփանը:
Կը մտածեմ բոլորիդ մասին, մասնաւորաբար Marie Sabri-ին: Յուսամ Ազատուհին քաջութիւնը կը պահէ: Աստուած խնայէ այս մեծ արժէքը: Իր[են] հետ ունեցածս սքանչելի փորձառութիւն մըն էր, եւ իր նախագահութեամբ մի քանի տարիէն Գոլէճը բարձունքի պիտի հասցնէր: Շատ բարձր օրինակ է եւ ներշնչում:
Տակաւին ծնողքիս չեմ գրած, բայց Silva-ին գրեցինք որ Ստեփանը գործողութիւն եղաւ Յունուար 10-ին, տաս[ը] օր հիւանդանոց մնաց: Մտահոգիչ բան մը չունի երբեք եւ ապաքինումը ……..[dcccxl] գործի սկսիլ: Այսօր ինքնաշարժը վարեց առաջին անգամ ըլլալով եւ գացինք Diana Takieddine-ը նախաճաշի տարինք դուրսը, միասին խօսեցանք ամբողջ ատենը Silva-ին, Գոլէճին, Ձեր մասին եւ քիչ մը պարպուեցանք: Յետոյ, մենք հայոց եկեղեցին գացինք, աղօթեցինք եւ վերադարձին հեռագիրը դռան վրայ գտանք:
Ստեփանին գործողութեան մասին մտերիմներուն բան մը չեմ գրած, թէեւ վերջը հաւանաբար գրեմ: Չորս շաբաթէ ի վեր նամակ չեմ առած, քիչ մը մտահոգ եմ, կ’ուզեմ վստահ ըլլալ որ բոլորն ալ հանգիստ են գրելէս առաջ: Երբ Նորան[dcccxli] տեսնես, բան մի՛ ըսեր այդ մասին, բայց ըսէ՛ թէ նամակի կը սպասեմ:
Յունուար 8-ի ժողովը յաջող անցաւ, երկրորդ ժողովը Մարտի կիսուն պիտի ըլլայ: Մինչ այդ, կազմակերպութեան ձեւերու մասին պիտի խորհինք: Ձեզ ունիմ ի մտի եւ ատենին կը հաղորդակցինք հետերնիդ: Մի՛ տարածէք այս լուրը տակաւին, բայց Հ. Բ. Ը. Մ.ն ալ խնդրեց ինձմէ եւ տոքթ. Բարսեղեանէն[dcccxlii] որ ծրագիր մշակենք գործերը արագցնելու եւ արդիւնաւոր դարձնելու բոլոր գաղթաշխարհի մէջ:
Հասրաթեանին[dcccxliii] չեմ գրած, կը յուսամ գրել այս օրերը: Դուք լուր ունի՞ք իրմէ: Ի՞նչ հասցէ կը գործածէիք: Mirror Spectator-ի վերջին երկու թիւերուն նայեցէք Ստեփանին յօդուածին համար:
Նամակ-ծրարի ներքին էջին մէջ, ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Մտքով յաճախ եւ սրտով միշտ Ձեզի հետ ենք: Նամակներու դանդաղութիւնը անիմաստ է: Գրեցէ՛ք երբ կրնաք: Մեծ հաւատք ունինք Ձեր վրայ: Mrs. Cola-ին գրեցի հիմա:
Սիրով՝
Բերկրուհի
Pergrouhi Svajian
524 Third Street
Brooklyn, N. Y. 11215
Mrs. Azadouhi Simonian
Beirut College for Women
- O. B. 4080
Beirut, Lebanon[dcccxliv]
* * *
Brooklyn, N. Y.
11215
Նիւ Եորք, 20 Մայիս 1967[dcccxlv]
Շատ սիրելի Ազատուհի եւ Պէպօ,
Նամակնիդ հաճոյքով եւ գնահատանքով ստացանք: Շատ ուրախացանք որ Պէպօն Ռուբինեանի տնօրէնութիւնը ստանձնած է: Եթէ մի քանի Պէպօներ ունենանք իբր տնօրէն մեր վարժարաններուն, կրնանք պատուաբեր սերունդներ սպասել: Տնօրէնին անձը, ստեղծած տիպարը ամէնէն հիմնական ազդակն է դաստիարակութեան: Որով այս մէկ լուրը շատ ուրախացուց մեզ: Ի սրտէ կը շնորհաւորենք:
Ուրախացանք նաեւ Ազատուհիին M. A. շարունակելը A. U. B.:[dcccxlvi] Չեմ գիտեր ինչպէս կը հասցնէ, բայց վստահ եմ մեծ գոհունակութիւն կը ստանայ, մանաւանդ երբ ունի քաջալերող ամուսին: Կարեւոր է աւարտելու մէջ չաճապարել որպէսզի ծանրաբեռնումը անսահման չըլլայ:
Յուսամ Գոլէճի մէջ Ազատուհին կրցաւ պաշտօնը ընդարձակել՝ հայ աշակերտներու guidance մտցնելով: Կ’ուզեմ գիտնալ այս մասին:
«Երիտասարդ Հայուհի»ին մէջ գրածները շատ կը հաւնինք: Միտք եւ արուեստ ցոյց կու տայ: Տեսակցութեան արուեստին յաջող հակում ունի, երանի թէ շարունակէ: Շարք մը կրնայ տալ «Երիտ. Հայ.»ին եւ յետոյ ընդլայնել գրքի մը որուն հեղինակը կրնաք երկուքդ ըլլալ եւ պայման չէ որ միայն հայերու մասին գրէք, լաւ կ’ըլլայ խառն ընել արապներու հետ – ականաւոր եւ հետաքրքրական անձերու: Յուսամ Dr. Harfouche-ին հետ տեսակցութիւն մը կը գրէ: Ան որոշ ըսելիքներ ունի նաեւ հայերու մասին: Կ’երեւի թէ Օգոստոսին լոյս պիտի տեսնէ (Khay[y]at) Marie Sabri-ին թէզը որ Գոլէճի եւ տասը շրջանաւարտներուն պատմականն է: Այդ առիթով յարմար կ’ըլլայ տեսակցութիւն մը իր[են] հետ ունենալ: Օգոստոսին կը յուսայ հոս գալ եւ հաւանաբար մեզի հետ ժամանակ անցընէ:
Silva-ին ողբերգութիւնը ցնցեց զիս: Հազիւ սկսած եմ ինքզինքս գտնել: Raja Nasr-ը իբր թեկնածու կարգ մը յարմարութիւններ ունի: Բայց միւսներուն քով ծանծաղ պիտի մնայ: Երանի թէ Harfouche-ը ընտրեն եւ ընդունի: Nayla D.-ին խնդիրը ո՞ւր հասաւ: Rath-ին գրել կը փափաքիմ:
Մենք երկուքս ալ հանգիստ ենք: Կարեւոր երկու ձեռնարկներ (ազգային) յաջողելու վրայ են, մօտ ատենէն կը լսէք: Մէկուն համար Պէպոյին անունը թուղթի անցուցի. կանխահաս է մանրամասնել: Հոդ եղած միջոցին խօսածներուս կարգին է:
Arm. Educ. Council-ը[dcccxlvii] գործի անցած է, երբ քիչ մը եւս կազմակերպուինք, Մ. Ն.էն դուրս ալ կ’անցնինք եւ այն ատեն Ձեզի հետ կը հաղորդակցինք այդ մասին: Այժմ միջազգային գետնի վրայ (Armenians and non-Armenians here) կամաւոր աշխատանք կը տանինք երեք գետնի վրայ. 1) Հայ ձեռագրերու ցանկը եւ microfilms պատրաստել, 2) հայ ճարտարապետական շէնքերու ցանկը, 3) Անձնական պատմութիւն tape recording: Նպատակնիս է ասոնք մատչելի դարձնել համալսարաններուն որպէսզի լուրջ ուսումնասիրութիւններ սկսին:
Ձեր պակասը մեր հոգիներուն մէջ կը զգանք եւ Ձեզի հետ ենք՝ նոյնիսկ երբ կը թերանանք գրել: Ձեզմով ուրախ ենք եւ հպարտ: Գրեցէ՛ք Ձեր մասին որքան կրնաք: Ազատուհին ի՞նչ կ’ուսանի:
Փրոֆ. Հասրաթեանին Ձեր նամակէն քիչ առաջ գրած էի առաջին անգամ ըլլալով: Շնորհակալ եմ հասցէն ղրկելնուդ համար:
Ջերմ ողջագուրում մեր երկուքէն՝ Ձեր երկուքին:
Նամակ-ծրարի ներքին էջին մէջ, ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Գոհար Գասպարեանը[dcccxlviii] կը վայելէ ամերիկահայութիւնը այս օրերուն: Նիւ Եորքի մէջ անցած ելոյթը յաջող էր: Հայ ընտանիքի ուսումնասիրութիւնս սկսայ հայ վէպով:
* * *
Brooklyn, N. Y.
11215
Նիւ Եորք, 7 Նոյ[եմբեր] 1967[dcccxlix]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Ձեր նամակները, Պէպոյին դպրոցի տարեկան գիրքը, իր գրութիւնները գնահատանքով եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացած ենք եւ ծրարած մեր մտքին մէջ՝ հաճոյքով եւ հպարտանքով: Թերեւս Ձեզի այնքան յայտնի չըլլայ գործին կարեւորութիւնը որքան մեզի, որովհետեւ Դուք մօտ էք կնճիռներուն եւ նոյնիսկ դրական արդիւնքները իրենց անմիջական չափով չեն ինչ որ պիտի դառնան տարիներու ուռճացմամբ: Հայ նախակրթարաններու իմ ունեցած փորձառութիւնս խօսիլ կու տայ այս վստահութեամբ: Կը յուսանք թէ կը շարունակէք մեզ տեղեակ պահել:
Պէպօն անձնապէս պէտք չունի, բայց կը խորհէի պաշտօնական նպատակներու համար եթէ հետագային պաշտօնականացնել ուզէ իր ուսման մակարդակը, հիմա որ Հայկազեան Գոլէճը սկսած է նոր ձեւեր իրիկնային դասընթացքներու, իրեն օգտակար ըլլալիք նիւթեր կա՞ն որ զինք degree-ի ճամբու մէջ դնեն:
Ազատուհին երկար ատենէ ի վեր չէ գրած: Այս տարի դասերու կը հետեւի՞: Գոլէճը ձեւ մը գտա՞ւ իրեն counseling պատասխանատուութիւն տալու: Ի՞նչ վիճակ ունի Գոլէճը:
Յուսամ երկուքդ ալ առողջութիւննիդ կը պահէք Ձեր բազմազբաղ վիճակին մէջ: Եւ ընտանեօք հանգիստ էք:
Դուք յաճախ մեզի հետ էք որովհետեւ մեր ազգային ծրագիրներուն մէկ մասը կը կազմէք: Առօրեայ ծանր պատասխանատուութիւններ կը դանդաղեցնեն թափը այս ծրագիրներու զարգացման եւ մանաւանդ Ձեզ տեղեակ պահելու, բայց իրենց նախնական հունին մէջ լաւ կը հիմնաւորուին: Armenian Education Council-ը մօտ ատենէն գործադրելու պիտի սկսի 100 անձերու կեանքը ուսումնասիրելու ծրագիրը հոս: Քիչ ատենէն կը յուսամ կ’անցնինք Մ. Ն.էն դուրս եւ կապ կը հաստատենք Ձեզի հետ այս ուղղութեամբ ալ: Ցարդ հոս առաջնակարգ ուժերու մասնակցութիւն ունինք: Interview schedule պատրաստեցի երկու հայ professor-ներու հետ, որոնք իրենց համալսարաններուն մէջ distinguished chair-ը ունին – Արսէնեան[dcccl] եւ Բարսեղեան:[dcccli]
Գալով Բարեգործականի Մասնաւոր Յանձնախումբին որուն անդամ է Պէպօն եւ վստահ եմ պիտի ունենայ գործակցութիւնը Ազատուհիին, այս առաջին փուլին մէջ կը գործենք, առանց տեղական ատենապետի, անձերու հետ: Պէպօն ստացած է կամ ……..[dccclii] գնաց այդ անդամներուն եւ ուրիշներու ……..[dcccliii] ըլլալիքը պիտի սահմանափակենք անդամներուն եւ այն ատեն հաւանաբար գործէք իբր տեղական յանձնախումբ եւ ունենաք ատենապետ ու քարտուղար: Ձեզ տեղեակ կը պահենք: Տակաւին մենք ալ չենք խօսած, քայլ առ քայլ կը յառաջանանք:
Ազատուհի՛, քեզմէ խնդրանք մը ունիմ այս ուղղութեամբ: Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեանին[dcccliv] գրեցի հիմա այս մասին: Հոկտեմբեր 16-ին Dr. Wayne Dennis-ը հոդ պիտի գայ երկու շաբթուան համար: Տոքթ. Վարժապետեանէն խնդրեցի որ հաւաքէ պատասխանուած հարցարանները Լիբանանի 11-12 անդամներէ եւ տայ քեզի որ Էմմային միջոցաւ (ան կը գիտնայ Dennis-ը ուր է) յանձնէք Dennis-ին որ հետը բերէ: Կարեւոր է: Անոր հետ չհասածները կրնաք Դեկտեմբերի առաջին շաբաթը յանձնել ուրիշ նիւեորքցիի մը, Mrs. Tina Johnson, որուն ուր ըլլալը դարձեալ Վահէ Օ.ը պիտի գիտնայ: Կը խնդրեմ որ հետապնդես այս տոքթ. Վարժապետեանին հետ եւ յանձնես այս երկու անձերուն: Շատ շնորհակալ կ’ըլլամ: Գործը արագացուցած եւ դիւրացուցած կ’ըլլանք:
Ստեփանը այս շաբաթ Հայկական Հարցի շուրջ symposium մը կը գլխաւորէ Columbia-ի եւ ուրիշներու մասնակցութեամբ Ուաշինկթընէն եւ Նիւ Եորքէն եւ զբաղուած է բայց լաւ հետաքրքրութիւն կայ եւ լաւ արդիւնք կ’ակնկալենք:
Նամակ-ծրարի ներքին էջին մէջ, ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Մտքերնիս եւ սրտերնիս լեցուն է Մ. Ա.ի տագնապով:[dccclv] Կապ կը պահենք հոս զանազան խումբերու հետ, մեկնաբանելու կացութիւնը: Ստեփանը լրացնելու վրայ է ուսումնասիրութիւն մը որ կը լուսաբանէ ներկան ստեղծած անցեալի քայլերը: Անգլերէն պիտի հրատարակէ մեր ժողովուրդին համար:
Ջերմ բարեւներով՝
Բերկրուհի Սվաճեան
* * *
[Նիւ Եորք,] 6 Հոկտ[եմբեր] 1970[dccclvi]
Յարգելի Մայրիկ եւ սիրելի Պէպօ,
Վերջը պիտի գրեմ: Հիմա մինակ ըսել կ’ուզեմ որ անհունօրէն շնորհակալ ենք-Սիլվան աննման աղջիկ է, Ազատուհին մեր տունը կը շէնացնէ եւ Ձեր բոլորին կարօտը իրմէ կ’առնենք. ամէն վայրկեան դուք, Շնորհիկը եւ Պաղսարեանները[dccclvii] հետերնիս էք:
Կարօտով՝
Բերկրուհի
* * *
STEPHEN G. SVAJIAN, D. D. S.
524 Third Street
Brooklyn, N. Y. 11215
768-2424
[Նիւ Եորք,] 4 Մարտ 1973[dccclviii]
Շա՛տ սիրելի Պէպօ,
Ստացանք Ազատուհիին ոգեշունչ նամակը եւ լուրերը Պէյրութէն եւ ձեր գործունէութեան, իսկ երէկ ալ ստացանք Ազգ. Ռուբինեան Վարժարանի Ալպոմ- Տարեգիրքը եւ ամէն էջ թղթատեցի ուր կը ցուցադրուին վարժարանի գործունէութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը իրենց դաստիարակներով:
Յայտնի է որ խղճմտանքով ջանք կը տարուի մեր մատաղ սերունդը դաստիարակելու։ Իբր մարդաբան ինձ հետաքրքրեց նաեւ պզտիկներուն դէմքերը, կլորիկ, առողջ, ցայտուն աչքերով, բայց մի քիչ տխուր եւ խորհուն – մեր ժողովուրդի նկարագիրի մէկ գիծը, բան մը որ դժուար է փոխել մի քանի սերունդի մէջ, թէպէտ Ֆրանսա եւ Ամերիկա մատաղ սերունդը իր դիմագիծով աւելի փոփոխութեան ենթակայ է:
Կը յուսամ կարդացիք իմ գրութիւնս «Յուշամատեան Մուսա Լերան» գիրքին մէջ:
Այսօր թելեֆոնով կապուեցանք Մայրիկին հետ, Պէյրութ, որ այսօր իսկ եկած էր տուն հիւանդանոցէն: Լաւ կը զգար: Ըսաւ թէ Ազատուհին տակաւին կը սպասէ զաւակին գալուն, իսկ Շնորհիկը Ամերիկա պիտի գայ եղեր: Կը յուսանք որ [երբ] այս նամակը հասնի՝ արդէն հայր եւ մայր եղած կ’ըլլաք, իսկ Շնորհիկի մասին կ’ուզենք գիտնալ թէ ուսումի համա՞ր պիտի գայ, թէ՞ կարճ պտոյտի: Ամէն պարագային տակ, ուրախ պիտի ըլլայինք զինքը տեսնելու եւ դիմաւորելու:
Վայրկեան մը առաջ Սիլվան քովս էր. ուշադրութեամբ կը նայէր լուսանկարներուն եւ «Կոկոն դասարան, ուսուցիչ օր. Յովհաննէսեան» նկարին որ զետեղուած է կեդրոնը. ձախէն առաջին շարք, երրորդ պզտիկը ես եմ ըսաւ եւ պնդեց թէ ինքն է, իր լուսանկարն է: Նայեցէ՛ք, համոզուեցէ՛ք: Պիտի պահեմ այս ամսագիրքը:
Հոս կեանքը միեւնոյնն է, վազել եւ վազվզել. Բերկրուհին Սապաթիքըլ Leave ունի եւ կ’աշխատի իր գիրքին վրայ: Կրկին ժամանակ չունի տունը կենալու, երբեմն ալ կերակուր պատրաստելու: Ա՛լ վարժուեցանք:
Անշուշտ լսեցիք խելագար հայու մը ոճրային արարքը Սանթա Պարպարա. Գուրգէն Եանըգեանը որ երկու թուրք հիւպատոսարանի պաշտօնեաները սպաննեց:[dccclix] Սարսուռ մը վազեց ջիղերէս: Մտատանջութեան ենթարկուեցանք: Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ հայոց վիճակը: Տակաւին լուրջ բան մը չի պատահեցաւ, բայց օր մը թուրքերը անոնց վրէժը պիտի առնեն:
Ահա՛ մեր ժողովուրդի[dccclx] անփորձ եւ անխոհեմ արարքներէն մին եւս: Ճիշդ այսպիսի ապուշութիւններ մեր կուսակցականները ժամանակին ըրին Թուրքիա, եւ թուրքն ալ դիմեց սուրի: Ես վստահ եմ, Պէյրութի հայ թերթերը քաջագործութիւն կը նկատեն Եանըգեանի արարքը: Կը յիշէ՞ք. երբ 1969[-ին] Թուրքիայէն վերադարձանք, Բերկրուհին եւ ես մեր առաջնորդներուն քարոզեցինք զգուշութիւն, թուրքերը պէտք չէ գրգռել.[dccclxi] անոնք տակաւին ունին վայրենի instinct[dccclxii] մը: Մեր վախը պարապ տեղ չէ եղեր: Յուսանք աւելի հեռու չ’երթար այս ոճիրի[ն] հետեւանքները:[dccclxiii] Աշխատեցէք գրգռիչ գրութիւններ չի հրատարակել եթէ դոյզն նկատում ունիք Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ:
Թուրքը մէկ հարուածով մեզ կրնայ ոչնչացնել, մենք ո՞վ ենք, ի՞նչ ոյժ ունինք, ի՞նչ կրնանք ընել: Ոչինչ:[dccclxiv]
Այս անգամ այսչափ: Բարեւներս Ազատուհիին, Մայրիկին, քոյրերուն եւ քեռայրներուն: Կը սպասենք ձեր բարի լուրին:
[ստոր.՝ Ստեփան Սվաճեան]
* * *
[Նիւ Եորք,] 14 Դեկտ[եմբեր] 1986[dccclxv]
Սիրելի Սիմոնեաններ,
Քիչ մնաց այս երկտողը անգլերէնով մեքենագրեմ որպէսզի հասնի: Յուսամ ձեռքով կրնամ ամփոփ տեղեկութիւն տալ:
Այնքան երկար ատենէ ի վեր չեմ լսած Ձեզմէ: Լիբանանի կացութիւնը տակաւին կը վատթարանայ, այժմ անօթութիւն եւս:
Աղաւնիենց հետ կապ կը պահեմ եւ ունեցած լուրերը կը հաղորդէ: Ամառը շատ հաճելի այցելութիւն անցուցինք իրենց տան մէջ՝ առաջին անգամ ըլլալով: Արամիկը բացառիկ գեղեցիկ, գրաւիչ, արթուն եւ բարեկիրթ է: Շատ լաւ հիւրասիրեցին:
Glory to God in the highest,
and on earth peace,
good will toward men
LUKE 2:14
Յուսամ Ազատուհին կրցաւ BUC-ի արեւելեան մասին կապուիլ: Dr. Nassar-ին վերջին գալուն ուզեցին որ խօսիմ N. Y.ի հաւաքոյթին, բայց հոս չէի, չկրցայ տեսնել:
Հոկտ.ին Ժնեւ գացի չորս օր Ճինիշեանի[dccclxvi] համագումարին (Լիտա Գ.-ի տեղը անցայ Ճինիշեանի մէջ Սեպտ.էն ի վեր): Նոյեմբերին Փարիզ գացի մէկ շաբաթ՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի ութսունամեակին համար: Երկուքն ալ օգտակար ձեռնարկներ եղան:
Ի՞նչ եղաւ: Յուսամ Պէպօն եւ Տոքթորը կրցան Մ. Նահանգներ հաւաքուած գումարը ձեռք անց[ը]նել: Պիտի ուզեմ գիտնալ այս մասին:
Տղաքը ո՞ւր հասան: Վստահ եմ լաւ նիշեր ձեռք կ’անցընեն եւ կը շարունակեն երաժշտութիւննին:
Սիլվան լաւ նիշեր ստացաւ (A եւ B, մէկ C+) եւ միասին գալ տարուան իր Գոլէճը կը ծրագրենք իր դպրոցին հետ խորհրդակցաբար: Հարցը իրեն յարմար հաստատութիւն գտնելն է, կը խորհինք որ Fashion Institute of Technology երթայ երկու տարուան Menbondising[dccclxvii] ծրագրին հետեւելու:
Տօնական օրերու առթիւ Ձեզի իւրաքանչիւրիդ եւ Ձերիններուն առողջութիւն, ապահովութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Ձեր անձնական եւ ազգային զոհաբեր գործունէութիւններուն մէջ: Մասնաւոր սիրոյ մաղթանքներ մայր Սաչեանին, նաեւ զաւակին: Կը յուսամ գրել Պաղսարեաններուն: Երէցկնկան եւ զաւակներուն, նաեւ հաճեցէք հաղորդել մեր մաղթանքները եւ բարի լուրերը Աղաւնիենց մասին:
Ներփակ փոքր գումարով յուսամ նուէր կը կարգադրէք Տիգրանին եւ Ռազմիկին:
Վերջին էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ նշուած է նամակին հեղինակման թուականը՝ 14 Դեկտ. 1986:
Կարօտով՝
Բերկրուհի եւ Սիլվա
Յ.Գ.– Հիմա հեռաձայնեցի պր. Ճերեճեանին[dccclxviii] եւ տեղեկացայ որ հաւաքուած գումարը ստացած էր:
[ստոր․՝ Բ.]
* * *
Mrs. Pergrouhi N . Svajian
524 Third Street
Brooklyn, New York 11215
[Նիւ Եորք,] 30 Օգոստոս 1993[dccclxix]
Սիրելի Պէպօ եւ Ազատուհի,
Այնքան յաճախ կը խօսիմ հետերնիդ մտքով, որ չեմ գիտեր թէ գրեցի՞, թէ՞ խօսեցայ որ զիս այնքան հոգեպէս թեթեւցուցիք երբ իւրաքանչիւրդ զատ նամակով իմացուցիք Տիգրանին իրատես որոշումը: Կարելի է ըմբռնել երիտասարդին. բուռն փափաքը իր նախասիրած ճիւղին, բայց բժշկութեան հետեւելու հետ մանրամասնած պատկերը դժբախտաբար քար իրականութիւն եւ խոչընդոտներու:[dccclxx] Եւ որքան թեթեւութիւն է մեր ասպարէզին միջոցաւ անհոգ ուսանիլ գործնական ճիւղ մը: Կրնամ երեւակայել Ձեր թեթեւցած բեռը եւ իր ալ յանցապարտի շապիկէն ազատիլը: Այնքան դժուարութիւններէ անցաք տարիներով: Կեանք բնական դժուարութիւններով մնալ բաւական է, որպէսզի Ձեր արժանիքներով ձեռք բերուած գոհունակութիւններն ալ վայելէք…
Ներփակ նամակը (պատճէն) կը պատկերացնէ իմ իմացական-հոգեկան ապրումն Պէպոյին յօդուածներով: Մօտ ապագային ասոնք մաս կրնան կազմել հատորի մը՝ Ազատուհիին հատորին պէս:
Մեր կեանքը լեցուն [է] եւ ընդհանրապէս հեզասահ կը յառաջանայ: Յակոբը[dccclxxi] կը գործէ եւ MBA-ի դասերու կը հետեւի իրիկունները: 12 credit եւ թէզ մնացեր է: Սիլվան դիմած է մեր տան մօտ (5 վրկ. քալել) լաւ հիւանդանոցի մը մէջ, intensive training-ի nursing technician ըլլալու: Այդ է իր նախասիրութիւնը: Միշտ ուրիշին օգնելու մէջ գոհունակութիւն կը գտնէ: Թող փորձէ: Flexible[dccclxxii] ժամեր կրնայ ունենալ (part time կամ full) եւ Սթեֆանիին[dccclxxiii] day care-ի դիւրութիւն ունի հիւանդանոցային սարքը մինչեւ որ հինգ տարեկան ըլլայ: Մանկապարտէզն ալ մեր տունէն քալելով 3-4 վայրկեան է:
Այս նամակին նպատակներէն մէկը շնորհակալութիւն յայտնել է (ուշացած!) այն գեղեցիկ հագուելիքին համար որ Մելինէին հետ ղրկած էիք: Շատ կը վայելէ իրեն: Նկարին մէջ կը տեսնէք (3 տարեկան եւ չորս ամսուան է): Հետը, աջին Թալինն է իրենց տունը. միւս տիկինը ու փոքրիկը Վիգէնին[dccclxxiv] ընկերոջ տիկինն ու տղան են:
Ջերմ բարեւներ եւ համբոյրներ մեր չորսէն Ձեզի, Տիգրանին եւ Ռազմիկին, նոյնպէս մայրիկին եւ Պաղսարեաններուն:
Սիրով՝
Բերկրուհի Ս.
Յ.Գ.– Սթեֆանին շատ կը յիշեցնէ Սիլվան եւ տեսնողը նոյնը կ’ըսէ:
[ստոր․՝ Բ. Ս.]
* * *
[Նիւ Եորք,] 20 Յուլիս 1994[dccclxxv]
Սիրելի Ազատուհի եւ Պէպօ,
Նախ մեր լուրը տամ. Յուլիս 16-ին Սիլվան Սթեֆանիին եղբայր մը տուաւ- 8 lb, 20 ½ ”: Անունը՝ Gregory-Nerses. Շատ գեղեցիկ մանչ մըն է: Մայր ու տղայ տուն եկան Յուլիս 18-ին եւ հանգիստ են: Սթեֆանին ուրախ է, ամէն մարդ իրեն հարկ եղած ուշադրութիւնը կ’ընծայէ: Հօրը մայրը, տիկ. Ժագլինը, եւ մեծ եղբօր աղջիկը (տաս[ը] տարեկան) եկան եւ կը զբաղցնեն զինք: Սիլվան եւ Յակոբը շատ ուրախ են որ Աստուած իրենց աղջիկ մը եւ մանչ մը պարգեւեց: Սիլվան կ’ըսէ՝ այդ բոլոր ցաւը արժեց…, մաղթենք որ շնորհալի եւ բախտաւոր զաւակներ ըլլան ու երջանիկ ընտանիք մնան: Սթեֆանին շատ գեղեցիկ, Սիլվային նմուշն է եւ բարեսիրտ ու ճարպիկ: Հայրը ծանր կ’աշխատի եւ հիմա կեանքը աւելի իմաստաւորուեցաւ:
Հիմա միւս կարեւոր նիւթը: Շնորհակալութեամբ ստացայ Պէպոյին ազնիւ մակագրութեամբ «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» հոյակապ գիրքը՝ տարիներու վրայ տարածուած իր խոր միտքով: Ծաղկեփունջ մըն է հիմնական գաղափարներու, գեղազարդուած Պէպոյի միջազգային զարգացման մէջբերումներով: Շնորհաւորելի գործ է որ կը ճոխացնէ ո[ր]եւէ գրադարան, ինչպէս մերինը: Որքան պիտանի է այս օրերուն երբ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը կ’ապրինք քիչ մը ամէն տեղ եւ որ ահռելի տեսարաններ կը պարզէ հեռատեսիլի վրայ անհաւատալի ուժգնութեամբ: Աստուած վարձատրէ Պէպոյին խորաթափանց զարգացումով միտքը եւ ամուր պահէ իր բեղմնաւոր գրիչը:
Յուսամ ամառը նուազ խճողուած ժամանակ կը ստեղծէ Ձեզի քիչ մը հանգստանալու: Այնքան ուրախ եմ Ռազմիկին ու Տիգրանին ուսումնական կարգադրութեան եւ յաջողութեան [համար]: Մեծ բարիք է որուն լիարժէք արժանի են իրենք եւ Դուք:
Կը յուսանք որ Սթեֆանին աշնան սկսի prekindergarten[dccclxxvi] երթալ մեր թաղին մէջ: Այս տարի շաբաթօրեայ հայ դպրոց կ’երթար եւ շատ սիրեց: Տան մէջ «Մեր հայրենիք» կ’երգէ: Հայրը կրցաւ ընդունիլ ատենապետութիւնը թաղական խորհուրդին որ կը հովանաւորէ դպրոցը: Միեւնոյն ատեն շաբաթը երկու օր, մէկական ժամ մեր թաղին conservatory-ն[dccclxxvii] կ’երթար, դեռ կը շարունակէ մինչեւ գալ շաբաթ, Music & Movement դասերու եւ կը սիրէ: Ներփակ փոքր գրութիւնը պիտի հետաքրքրէ Ձեզ:
Այս ամբողջ ատենը Ազատուհիին 26 Մարտի նամակը եւ Զատկուան քարթը սեղանիս վրայ էր: Ուրախ եմ որ վերջապէս կրցայ խօսիլ հետերնիդ:
Ամառանոց տուներնիս, Southampton, վարձու տուինք: Կը յուսանք Սեպտեմբերէն սկսեալ երբեմն գործածել:
Ուշ է ատենը, ակամայ կը վերջացնեմ խօսակցութիւնը՝ քիչ մը եւս ուշադրութիւն ընծայելու Սթեֆանիին՝ քնանալու երթալէ առաջ: Սկսաւ գիրքերս ինծի ծախել գրադարանէն…
Ջերմ մաղթանքներով՝
Բերկրուհի Սվաճեան
Յ.Գ.– Ներփակ փոքր գումարը գրքին կապակցութեամբ, կը խնդրեմ ո[ր]եւէ նպատակի գործածեցէք:
[ստոր․՝ Բ. Ս.]
* * *
[Նիւ Եորք, թուականը չէ նշուած][dccclxxviii]
Սիրելի Ազատուհի եւ Պէպօ,
Ձեզի շատ աւելի կանուխ պէտք էր գրած ըլլայինք: Ձեր Հայաստանի եւ Պէյրութի նամակները շատ մեծ հետաքրքրութեամբ ու գնահատանքով կարդացինք: Ի սրտէ ուրախացանք Հայաստանի մէջ Ձեր վայելած յարգանքներուն եւ ապրումներուն համար արժանաւոր: Հասրաթեանենց հետ Ձեր մտերմիկ պահերը, գրական եւ կրթական մտաւորականներու Ձեր ընկերակցութիւնը, ամբողջ իրենց մանրամասնութեամբ, մեր սրտերը լեցուցին հրճուանքով: Ուրախ ենք որ Պէպոյին եղբայրը յաջող ճամբու մէջ է: Կարապետը[dccclxxix] ամառը ամուսնացաւ, հոս դասերուն եւ assistantship-ին շատ կ’աշխատի Harvard եւ փայլուն արդիւնք կը բերէ, բայց տակաւին կը սպասէ Լուսիկին[dccclxxx] գալուն:
Մայրիկը ինք ալ շատ պիտի ուզէր Ձեզի հետ սուրճ առնել իր յարկաբաժինին մէջ: Գիտէ՞ք ինչ ըրաւ. մի քանի օր առաջ վերջացուց Ազատուհիին հօր գիրքը[dccclxxxi] ծայրէ ծայր եւ մեծ հետաքրքրութեամբ: Կ’ըսէ. «Ինչ քաջ մարդ եղեր է»: Բաւական կը կարդար: Բացի թերթերէն, երկու գիրք վերջացուց: Երբ եկաւ Սիրունը,[dccclxxxii] զաւակները եւ թոռները զինք հինգ օր զբաղած պահեցին: Յետոյ իր եղբօր կինը մէկ ամիս մնաց քովը հոս: Անկէ վերջ զինք տարի աչքի, ոտքի (corn) եւ ընդհանուր բժիշկի: Մի քանի տկարութիւններ ունի բայց դեղերով այժմ մեղմացած վիճակ ունի:
With best wishes
For a joyous
Christmas
And a truly
Happy New Year
Իր ներկայութիւնը Ստեփանին եւ ինծի մեծ օրհնութիւն է: Thanksgiving-ին[dccclxxxiii] Զուարթը[dccclxxxiv] եւ մայր ու աղջիկ Մազմանեանները եկան երեք օր: Բաւական ալ այցելու կ’ունենայ: Քեռայրին պարագան տակաւին չգիտցուցինք, ըսած ենք որ գործով ուրիշ քաղաք գացած է ատենուան մը համար: Մինչեւ որ քիչ մը աւելի կազդուրուի եւ վարժուի նոր կացութեան:
Եղբայրս երկու անգամ անհանգիստ եղեր է, այդ իմ շատ միտքս կը զբաղցնէ եւ միայն մէկ նամակ առեր ենք: Թէեւ մայրս կը խորհի թէ կրիփ ունեցած է, նամակ չստանալնիս շատ կը մտահոգէ զինք: Մէկ անգամ ալ Սիրանին գրած էին: Տիկ. Նարդուհին գրած էր որ լաւ են, յուսամ թէ ճիշդ է:
Կը յուսամ Ձեր գործերը լաւ կ’ընթանան: Գիտեմ երկուքդ ալ աւելիով զբաղած էք: Ուրախ եմ որ Պէպոյին գործին մէջ բարձր փոփոխութիւններ կան: B.C.W.[ն][dccclxxxv] ի՞նչ վիճակ ունի այս տարի:
Գարակէօզեան[dccclxxxvi] Board-ին Դեկտ. 17-ին լաւ ժողով մը ունեցանք: Խորհրդապահաբար ըսեմ որ Պատ. Սարգիսեանը[dccclxxxvii] լրջօրէն նկատի առնենք իբր Assoc. Director հիմա եւ յետոյ Director: Ազատուհիին պարագան ալ նոյն լրջութեամբ կ’առնուի եւ դրականօրէն իբր assoc. տիկ. Դաւիթեանին[dccclxxxviii] նախ եւ յետոյ անոր յաջորդ, իբր երկրորդ անձ, $4000 տարեկանով իբր սկզբնաւորութիւն: Board-ը ուրախ է որ Ազատուհին դիտողի դեր կը կատարէ այժմ, եւ կը յուսանք որ աշնան գործի կը սկսի: Պայմանագրութեան (contract-ի) երբ գայ պայմաններ ներկայացնելու՝ չքաշուի: Ես շեշտեցի որ $4000 անպայման յաւելեալ դրամ պիտի չձգէ ձեռքը, որով այս ծանր պատասխանատուութիւն է եւ պէտք պիտի ունենար տան մէջ զանազան փոփոխութիւններ ու կարգադրութիւններ ընելու: Շեշտեցի նաեւ B.C.W. ունեցած իր դիրքը եւ այս նոր գործին համար գործի սկսելէն շրջան մը վերջ նոր professional պատրաստութեան կարեւորութիւնը: Այս բոլորին համաձայն են:
Եթէ այժմ դիտողի դիրքին մէջ ալ տրամադրութիւննիդ դրական է աշնան որոշ քայլ առնելու, ուրիշ մանրամասնութեանց մասին երկու կողմէն կը գրենք: Այս ամբողջը խորհրդապահութեամբ կը գրեմ միայն անոր համար որ պաշտօնապէս պէտք է Տքթ. Գարակէօզեանը գրէ: Շեշտեցի նաեւ Ազատուհիին ունեցած հրապարակային դիրքը, եւ համաձայն են որ սկսած ատենն ալ յարմար տիտղոս մը ունենայ: Ես associate առաջարկը ըրի եւ յարմար գտան, ինչպէս պատուելիի պարագային: Ազատուհիին ամուսինը նպաստաւոր է բաղդատմամբ պատուելիին:
Յուսամ ազատօրէն կը գրէք: Ներող եղէք աճապարելուս:
Արձակուրդը տաս[ը] օր է, բաւական ետ մնացած եմ գործիս մէջ: Ութ շաբաթ ոտքի վրայ եւ մէկ շաբաթ պառկած կրիփ խաղցուցի բացի միւս բոլոր ընդմիջումներէն: Ստեփանն ալ ունեցաւ: Հիմա երկուքս ալ հանգիստ ենք եւ պէտք է աւելի արագ թափով դիզուած գործին հասնինք: Ստեփանը Թուրքիոյ մեր երկու շաբաթը կը գրէ անգլերէն եւ հայերէն:
Ջերմ մաղթանքներով եւ
սիրով՝
Ստեփան եւ Բերկրուհի Սվաճեան
Նախավերջին էջի ձախ լուսանցքին, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Ջերմ բարեւներ Ազատուհիին մեր եւ ձերիններուն երկու կողմէն:
* * *
- Ստեփան Շահպազէն
Աղեքսանդրիա, 4 Յունուար 1971[dccclxxxix]
Սիրելի պ. Պէպօ Սիմոնեան,
Շնորհակալութեամբ ստացայ Ձեր քարթը, այսօր: Փոխադարձ, անկեղծ բարեմաղթութիւններ Ձեզի՝ առողջութեան, յաջողութեան, երջանիկ ու երկար տարիներու, եւ մեր հայրենիքին համար ալ յարատեւ նուաճումներու:
Ձեր հասցէին ղրկած էի վերջին գործս՝ «Օրերուն Հետ»,[dcccxc] տասը օր մը կայ:
Ձեզ կարդալու հաճոյքով ու սիրալիր բարեւներով՝
[ստոր.՝ ՍՇահպազ][dcccxci]
* * *
Աղեքսանդրիա, 1981[dcccxcii]
Սիրելի Պէպօ Սիմոնեան,
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ եւ սրտագին մաղթանքներ՝ առողջութեան, երկար ու երջանիկ տարիներու, Ձեր բոլոր հարազատներուն հետ, խաղաղ աշխարհի մը մէջ:
With best wishes for
CHRISTMAS and the NEW YEAR
[ստոր.՝ ՍՇահպազ]
* * *
- Վահէ Օշականէն
Vahe Oshagan
11/935 Pacific Highway
Killara NSW 2071
Australia
Քիլլարա – Աւստրալիա, 16 Սեպտեմբեր [19]92[dcccxciii]
Սիրելի պրն. Սիմոնեան,
Կը պատասխանեմ ձեր 25 Օգոստոս նամակին: Ափսոս որ Լոս Անճելըսի ձեր այցէն չէք կրցած օգտուիլ մեր չքնաղ քաղաքը գալու: Ի՞նչ կ’արժէ Միացեալ Նահանգները տեսնել առանց Սան Ֆրանսիսքոյի շքեղութեան սանկ ակնարկ մը գոնէ նետելու: Ինչ որ է: Վառ կը պահեմ յոյս մը, ի շարս այլ անհամբեր յոյսերու եւ խոստումներու, Պէյրութ գալու քանի մը ամսուայ համար, դասեր տալու ու այլ աշխատանքներ ձեռնարկելու համար: Ե՞րբ… չեմ գիտեր: Պոլիսը պէտք է տեսնել առնուազն Արեւմտահայ հոգեբանութիւնը հասկնալու եւ անոնց ներշնչումի ակերը պրպտելու համար: Այս օրակարգը երթալով աւելի հրատապ կը դառնայ ի տես եւ ի լուր այն անտեսումին (մեղմ բառ մըն է ասիկա) որուն կ’ենթարկուի Արեւմտահայ մշակոյթը թէ՛ իր ժառանգորդներուն եւ թէ՛ իր հօրեղբայրներուն կողմէ: Պիտի ուզէի այս մասին խօսիլ ափ մը մտաւորականներուն հետ, որոնցմէ էք Դուք, որոնք դեռ տէր կը կանգնին մեր ժողովուրդի հաւանաբար գեղեցկագոյն իրագործումին՝ Արեւմտահայ մշակոյթին: Պիտի ուզէի նաեւ այցելել Թեհրան եւ անշուշտ՝ Հայաստան: Այս վերջին ծրագիրը քանիցս յետաձգուեցաւ զանազան պատճառներով, բայց օրէ օր աւելի ստիպողական կը դառնայ Հայաստանի մասին անձնական համոզում մը ունենալու հարցը՝ անկախ մնալու համար կուսակցական ու լրագրական քարոզչութենէն: Հայաստանի ճանաչումը, որքան որ կարելի է կարճ ժամանակի մէջ, ճանաչումը մանաւանդ ժողովուրդին բարոյական որակին՝ առաջին տուեալն է սփիւռքի ապագային հասկացողութեան համար: Ո՞ւր կարելի է գտնել Հոգեկան Հայրենիքը, շիտա՞կ է Կոստան Զարեան երբ կ’ըսէ թէ ճամբան Հայաստանէն կ’անցնի, որքա՞ն ճիգ ու ժամանակ պէտք է համայնավարութեան գործած աւերը դարմանելու համար, ի՞նչ ապագայ ունի հոն ընկերվարութիւնը, ի՞նչ գործ կրնայ ընել ու պէտք է ընէ հոն Դաշնակցութիւնը… Պատասխաններուն կծիկը Հայաստանի օդակայանէն կը քակուի…: Ինչ որ է:
Գալով ուրիշ հարցի մը… Ձեր նամակէն յստակ չի հասկցուիր թէ տեսա՞ծ էք իմ գրութիւնս ձեր վերջին գրքին մասին: Գրեցէ՛ք ինծի այդ մասին: Իմ գիրքերէս ես հոս հետս քանի մը հատ բերած եմ… նախ՝ որովհետեւ մենք հոս 3-էն մինչեւ առաւելագոյնը 5 տարի պիտի մնանք, յետոյ՝ այս երկրի հայութեան համար՝ գրականութիւնը իջած է իր ծայրագոյն իմաստին: Այսինքն՝ պերճանք մըն է որմէ մարդ շատ դիւրաւ կրնայ հրաժարիլ՝ եթէ գրագէտին հանդէպ յարգանք ցոյց տայ, գինեձօն մը սարքէ ու փակէ հաշիւը՝ թէ՛ գիրքը գնելու եւ թէ՛ ալ կարդալու տաղտուկը խնայելով ինքզինքին: Այս չի նշանակեր որ գինեձօնի հարց կը ծագի հոս… Մարդիկ նուազագոյն հետաքրքրութիւնը չունին իմ գիրքերուս հանդէպ: Այս բոլորը կ’ըսեմ ոչ թէ իբրեւ գանգատ, այլ բացատրելու թէ ինչո՞ւ հետս շատ քիչ բան բերած եմ գրադարանէս ու հրատարակութիւններէս: Այս է պատճառը որ անցեալները միայն մէկ հատ գիրք… կարծեմ «Ահազանգ»ն էր… կրցայ ղրկել ձեր հասցէին: Յուսամ ստացած էք մինչեւ հիմա:
Ուրախ եմ որ Աբրահամին[dcccxciv] «համը» սկսած էք առնել: Ճաշակեցէ՛ք եւ տեսէ՛ք… Արեւմտահայ հոյակապ մտաւորական է ու, վստահ եմ, մեծ բարիք մը պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ եթէ մեր գրոց-բրոցները անոր տկարութիւնները չշահագործեն զայն տապալելու համար: Կռնակ կեցէք իրեն, սիրեցէ՛ք զինքը, որովհետեւ համայնավարութիւնը չորցուցած է իր շուրջի մարդոց սրտերը: Ու բանաստեղծը միշտ խոցելի ու շահագործելի էակ մըն է, յաճախ ալ ծաղրելի (կը թելադրեմ որ Baudelaire-ին[dcccxcv] l’Arbatrosse բանաստեղծութիւնը կարդաք, եթէ ծանօթ չէք արդէն՝ այս մասին), բայց մանաւանդ սիրոյ կարօտ…: Ի դէպ, ի՞նչ եղաւ Հայկազեան Գոլէճի Հայագիտական Հանդէսը, դեռ լոյս կը տեսնէ՞, ո՞վ է խմբագիրը, Քասունի՞ն է:[dcccxcvi]
Սրտագին բարեւներ տիկ. Ազատուհիին: Ի՞նչ ներդրում կրցաւ ընել մեր գրական մշակոյթին: Դո՞ւք ինչ նոր գործերու լծուած էք: Ուրախ եմ որ կրցանք կամուրջները վերականգնել: Գրեցէ՛ք ինծի մանաւանդ Լիբանանի գրական հրատարակութիւններու մասին… Աճեմեան,[dcccxcvii] Լեւոն Վարդան, Դուք եւ այլք: Կա՞ն նոր տաղանդներ այդ ահաւոր փոթորիկէն ողջ մնացած:
Անկեղծ զգացումներով՝
[ստոր.՝ ՎՕշական]
* * *
VAHE OSHAGAN
Քիլլարա, 18 Յունուար 1996[dcccxcviii]
Ազնիւ տիկին Սիմոնեան,
Առջի օր Պէպոյին նամակ մը գրեցի վերահաստատելու համար մտաւորական կապերը որոնք ընդհատուած էին իմ երկու ամսուայ շրջապտոյտիս հետեւանքով: Արդարեւ, շաբաթ մը առաջ միայն տուն վերադարձայ ու գտայ ձեր Նոր Տարուայ մաղթանքի քարթը: Ձեր տողերուն մէջէն եկող ձայնը այնքան անկեղծ ու զգայուն էր որ որոշեցի ձեզի պատասխանել:
Չեմ գիտեր կարդացի՞ք հայ մամուլին մէջ Պէյրութ-Հալէպ ճամբորդութեանս տպաւորութիւնները, որոնք առաջին անգամ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ին մէջ լոյս տեսան: 20 տարուայ հեռացումէ ետք՝ Պէյրութը նոր տաքութեամբ մը ընկալեցի: Ճիշդ է որ առաջ ալ, սփիւռքահայու ինքնութեանս հաւատարիմ, չէի կրցած որեւէ վայր իմ տունս, արմատս ու մտերիմ միջավայրս նկատել: Ես օտար եղած եմ, հայութեան թէ մարդկութեան մէջ, նման շատ մը հայերու, որոնք սփիւռքեան հովերէն տարուբերուած են իրենց կեանքին ընթացքին: Պէյրութի մէջ սակայն ուրիշ ջերմութիւն մը կը զգայի, եւ հիմա որ կը կարդամ Ձեր գրածը, կը հասկնամ թէ ատիկա իմ նոր բերած շունչս, արդիական մարդու դրոշմիս ու կամուրջ-սերունդի նկարագրիս բարիքն է: Ես Պէյրութ պարզապէս իմ բնական անձս էի, նոյնիսկ յանցանքի զգացումով մը թէ ես դաւաճանած էի իմ սիրոյս ու լքած հայութիւնը, ապաստանած ապահով վայրեր: Նորութիւնը ինծի համար այն եղաւ թէ դուք Պէյրութի մէջ որքան կտրուած եղած էք արդի մտայնութեան եւ արուեստի աշխարհէն: Ինչ որ իմ մէջս Դուք առաքինութիւն կը համա[ր]էք՝ իմ բնական անձս է, ոչ թէ առաքինութիւն, այլ բնութիւն ու անմիջական մարդկային իրականութիւն: Սիրելի տիկին Ազատուհի, ինծի շատ մեծ պատիւ է, կ’ըսէք «կատարեալ մարդ»… Ես ամբողջ կեանքս այդ խաբուսիկ էութիւնը, այդ անտարազելի զգայնութիւնը փորձեր եմ բռնել ու բանտարկել բառերու կամ պատկերներու ծոցը՝ ու չեմ յաջողեր: Պէպօն լաւ գիտնալու է այդ տրամին բնոյթը, ինքը որ բառերու գառագեղը ինկած է ինծի նման ու դեռ չէ կրցած ելլել: Ինչ կը վերաբերի հայկականութեան, կը խորհիմ թէ այդ ալ կիսատ մնացած է ու չեմ կրցած մեր ազգի կեանքի ընթացքին վրայ գրիչովս կամ խօսքովս ազդեցութիւն մը ունենալ: Ներկայիս, Հայաստանի անկախացումով, անյետաձգելի հրամայական է սփիւռքեան ինքնութեան մը սահմանումը, սփիւռքի տեսութիւնը փնտռել ու բանաձեւել: Դժբախտաբար, Հայաստանի մտաւորականներէն ոչ մէկ օգուտ կայ այս հարցին մէջ – իրենց համար կեանքի տագնապը կը բաւէ ու կ’աւելնայ նոյնիսկ: Անցեալ ամիս Փարիզ պիտի երթայի ճիշդ այս նիւթին շուրջ գիտաժողովի մը մասնակցելու, սակայն գործադուլ ու ցոյց անկարելի դարձուցին: Պէյրութի մտաւորականներուն համար շատ սիրելի հարց մը չէ ասիկա, գիտեմ:
«Տեսութիւն» ըսուածը միշտ ալ օտար թուած է Պէյրութի հայոց: Բայց պէտք է որ արթննաք, տիկին Ազատուհի, սփիւռքը մտածէք, մտածումի՛ վերածէք:
Շատ հեռացայ այս կարճ նամակին նպատակէն: Շնորհակալ եմ, իմ ու Արսինէին[dcccxcix] կողմէ, ձեր սրտագին մաղթանքներուն համար 1996 տարուայ նկատմամբ: Մենք ալ մեր կողմէ ջերմ զգացումներ կը տածենք ձեզ[ի] հանդէպ: Պէպօն միշտ «տարբեր» անձ մը եղած է ինծի համար թէ՛ իր գիրքերուն եւ թէ՛ անձին ընդմէջէն դիտուած: Բարի ու սրտառուչ գիծ մը կայ իր նկարագրին մէջ որ տիրական է: Այս ահաւոր, ապսիւրտ[cm] ու դաժան դարուն մէջ ինչպէ՞ս կը յաջողի մնալ անմեղ ու մաքուր՝ գաղտնիք մըն է ինծի համար…: Մեր գալիք հանդիպումին՝ այդ հարցն ալ կը լուծենք… Մինչեւ այդ՝ ձեզի երջանիկ, բեղուն եւ առողջ տարի մը կը մաղթեմ իմ ու Արսինէին կողմէ:
Սիրով՝
[ստոր.՝ Վահէ Օշական]
Վահէ Օշական
* * *
Քիլլարա, 18 Սեպտեմբեր 1997[cmi]
Սիրելի պրն. Սիմոնեան,
Իր ատենին ստացայ «Նայիրի»ի 6 Նոյեմբեր 1996-ի թիւը ուր գրախօսական մը ունիք իմ «Սերունդներ» հատորիս մասին: Ի սրտէ շնորհակալութիւն այդ ազնիւ գաղափարին համար, ոչ միայն իմ գրքիս, այլ Լեւոն Վարդանին եւ նաեւ, կ’ենթադրեմ, այն բոլորին համար որ սկսած կը թուիք ըլլալ «Գիրքերու Աշխարհը եւ Մենք» շարքով: Կարեւոր գործ է անոնց համար որոնք սփիւռքի գրական կեանքին բազկերակով մտահոգ ու խանդավառ են: Ես ալ իմ կողմէս, ժամանակ ու համբերութիւն կը ջանամ գտնել ահա քանի մը տարիէ ի վեր, տալու Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ, կէս-գրախօսական ու կէս-տպաւորութիւն տարազին տակ, էջ մը մտածում նոր լոյս տեսած գիրքերու մասին: Գիրքերու թիւը հասած է 75-ի…: Ու պատճառ չկայ որ հոն դադրի: Սեղանիս վրայ տասնըհինգ գիրք կը սպասեն իրենց հերթին:
Ձեր գրածը շատ պատշաճ է մշակուած եւ ազգին ճակատագրով շահագրգռուած հայուն համար: Պրաւօ: Ես ալ գեղագիտական խիստ ու վերջնական դատումէ կը խուսափիմ: Մարդիկ ժամանակ ու սիրտ չունին այդ տեսակ ընթերցումի համար: Եւ սակայն մեծ կարեւորութիւն կու տամ արեւմտահայ ու մանաւանդ սփիւռքահայ մշակոյթի պահպանումին համար մղուող պայքարին, ընդդէմ օտար կամ արեւելահայ ժխտական ազդեցութեանց: Հայաստանէն սորվելիք շատ բան չունինք մենք, եւ եթէ մեր ինքնութիւնը կրցանք մշակել ու հաստատել՝ մեծագոյն բարիքը ըրած կ’ըլլանք հայ ազգին:
Սա ալ ըսեմ թէ «Սերունդներ»էն ետք երկու նոր հատորներ հրատարակած եմ–«Համբոյր» եւ «Ինքնութիւն», առաջինը Սիտնի ու երկրորդը՝ Պէյրութ: Տեսա՞ծ էք ասոնք: Հիմա կ’աշխատիմ հսկայ վէպի մը վրայ, չեմ գիտեր ինչպէս տակէն պիտի ելլեմ…: «Ալլա[հ] քարիմ»[cmii] ըսեմ ու քալեմ: Ըստ երեւոյթին նախորդ նամակս կորսուած է եւ ատոր բնագիրն ալ համակարգիչս հետը առաւ տարաւ, բազմաթիւ ձեռագիրներու հետ, երբ որոշեց անձնասպան ըլլալ անցեալ տարի: Անտիպ ու անտպելի գործ մըն ալ կայ որ կը կոչուի «Պատգամ» կամ «Նոր Պատարագ»: Միտք ունի՞ք հօրս մահուան[cmiii] 50-ամեակին առթիւ որեւէ ձեռնարկ կազմակերպել գալ տարի: Մտածեցէ՛ք այդ մասին: Օշականի այարով[cmiv] մարդիկ ա՛լ գալիք չունին հայութեան պատմութեան մէջ, եւ ճանչնալ անոր բուն արժէքը, անկախ իր դէմ գրուածներէն՝ ուժի աղբիւր կրնայ ըլլալ հայութեան, մեր աս նեղ օրերուն:
Դո՞ւք ինչ գործի վրայ էք: Սրտագին բարեւներ տիկին Ազատուհիին զոր մասնաւոր ջերմութեամբ կը յիշեմ յաճախ: Դուք ալ ուժեղ եւ հաւատաւոր մնացէք արեւմտահայ մշակոյթի պատնէշներուն ետին: Բարբարոսները մեր պարիսպներուն տակն են արդէն, ծպտուած հազար համազգեստներու տակ:
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
[ստոր.՝ Վահէ Օշական]
* * *
- Յարութ եւ Շուշան Վարդանեաններէն
[Ա. Մ. Ն.,] 14 Դեկտեմբեր [19]83[cmv]
Շատ սիրելի Ազատուհի, Պէպօ, Տիգրան եւ Ռազմիկ,
Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի բարեբաստիկ առիթէն օգտուելով կու գամ իմ սրտի մաղթանքներս հասցնել Ձեզ[ի] (եթէ հասնի): Ի՜նչ մաղթանք, ա՛լ մաղթելն ալ ծիծաղելի բան է դարձեր. ինքս ալ չեմ հաւատար, Լիբանանի ժողովուրդին մաղթանքէ աւելի եթէ զօրաւոր, ազդու մի բան կայ, այդ կ’աղօթենք առ Աստուած, որ ա՛լ գթայ անմեղաց ու պատժէ՛ մեղաւորաց: Համբերելուն ալ չափը կայ, հաւանաբար անոր չափանիշն ալ հայ ժողովուրդն է: Կը ցաւիմ որ գէթ այս գեղեցիկ տօնական օրերը ժողովուրդը վախի ու ցաւի տագնապներով հա[ր]կադրուած է դիմաւորել: Կը յուամ որ մեր աղերսանքը այս անգամ գէթ լսուի Մեծաւորէն ու
Best Wishes for the Holiday Season
and the coming year
աշխարհ խաղաղի ու մարդիկ եղբայրաբար ապրին ու ստեղծագործեն այս հրաշագեղ Աստուածաշէն աշխարհիս մէջ:
Սրտագին մեր բարեմաղթանքներն ու աղօթքները կը հասցնենք Ձեզի, կը զգանք ու կ’ապրինք ամէն րոպէ Ձեզի հետ:
Ձեզ միշտ սիրող՝
Շուշան Յարութ Վարդանեան
* * *
[Ա. Մ. Ն., թուական չէ նշուած][cmvi]
Շատ սիրելի Ազատուհի եւ Պէպօ,
Կարօտցանք, նամակագրութեան մէջ ծուլացանք, սակայն սրտերնիս միշտ նոյնն է:
Պէպոյին նոր հեղինակութիւնը ստացայ, շնորհակալ եմ, վարձքդ կատար, Տարուսու նոր գիրքերու…
Տիգրանին եւ Ռազմիկին ներփակ $50 տոլարի նուէր մը կը ղրկեմ:
Շատ խօսելու փափաք կայ, բայց ուրիշ առիթով: Մենք ընտանեօք լաւ ենք։ Բոլորը կը բարեւեն: Համբոյրներ բոլորիդ:
Կարօտով՝
Շուշան Վարդանեան
* * *
- Շաքէ Վարսեանէն
[Երեւան], 27 Դեկտեմբեր 1967[cmvii]
Սիրելի եւ թանկագին բարեկամներս՝ տէր եւ տիկին Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններին Նոր Տարուայ առիթով ամենաջերմ եւ սրտագին մաղթանքներս: Ցանկանում եմ ձեզ քաջառողջություն, երջանկութիւն անձնական կեանքում եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն կրթական ու հասարակական կեանքում:
Շուտով կգրեմ երկար նամակ:
Շաքէ Վարսեան
* * *
[Երեւան], 26 Դեկտեմբեր 1973[cmviii]
Սիրելի Ազատուհի եւ Պէպօ,
Սիրելի բարեկամներս, կներէք որ մինչեւ հիմա չգրեցի ձեզ եւ չշնորհաւորեցի ձեր որդու ծնունդը, որ արդէն «երիտասարդ» է դարձել մինչեւ օրս: Տրամադրութիւնս որոշ ժամանակ շատ վատ էր:
Մաղթում եմ, որ 1974 թուականը բարի ռւ շռայլ լինի եւ արդա՛ր՝ բոլորիս համար:
Այնպէս եմ կարօտել ձեզ, ձեր անկեղծ ժպիտներն ու վերաբերմունքը:
Անհամբեր սպասում եմ ձեր լուրերին…
Շաքէ Վարսեան
* * *
- Արա Տեմիրճեանէն
Istiklal Sport Club[cmix]
Founded 1921
Tilel st. Aleppo Syria Tel. 17396
[Հալէպ,] 11 Օգոստ[ոս] 1971[cmx]
Մեծայարգ ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,[cmxi]
Պէյրութ.
Սիրելի ընկեր,
Ջերմապէս կը խնդրեմ նկատի առնել մեր ազնիւ ընկերներէն Հայկ Բառթօնեանի դուստր ընկերուհի Սեդայի դիմումնագիրը, պաշտօնավարելու համար Ռուբինեան Վարժարանէն ներս:
Ընկ. Հայկը փոքր տարիքէն եղած է որպէս հաւատաւոր եւ նուիրեալ կուսակցական ընկեր եւ արժանի [է] ամէն տեսակի օժանդակութեան:
Լիայոյս ըլլալով որ ընթացք պիտի տրուի Սեդայի դիմումնագրին, կանխաւ կը յայտնեմ իմ ընկերային յարգանքներս:
Արա Տեմիրճեան[cmxii]
[անընթեռնելի ստոր․]
* * *
- Երուանդ Տեմիրճեանէն
[Պէյրութ,] 19 Մարտ [19]92[cmxiii]
Մեծայարգ տիար Սիմոնեան Պէպօ,
Աստ.
Ազգ. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը Ձեզ նշանակած է Ուսումնական Խորհուրդի անդամ:
Պաշտօնական հրաւէրը պիտի ստանաք: Այս գիրը աւելի բարեկամական է՝ առ այդ տրամադրութիւնդ ունենալու համար:
Բոլոր պաշտօնակիցներդ ուրախ պիտի ըլլան, որ ընդունիք այս պաշտօնը, ուրախացողներու առաջինը, անկասկած, ստորագրեալս:
Վաղը ինծի հանդիպելու ազնիւ տրամադրութեանդ մէջ կը խնդրեմ նկատի ունենաս նաեւ այս:
Սիրով՝
Ե. Տեմիրճեան[cmxiv]
[անվերծանելի ստորագրութիւն]
* * *
[Պէյրութ,] 14 Ապրիլ 1992[cmxv]
Յարգելի պրն. Պ. Սիմոնեան,
Սրբազանը[cmxvi] Ձեզ պիտի կարենայ ընդունիլ երկու օր ետք, Հինգշաբթի, կ. ա. ժամը 11-ին:
Ուսումնականի[cmxvii] հերթական ժողովը տեղի պիտի ունենայ 27 Ապրիլ 1992-ին, կ. ե. ժամը 5-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ:
Ուրախ եմ, շատ, որ ընդունած ես այս կարեւոր պաշտօնը:
Սիրով՝
Ե. Տեմիրճեան
[անվերծանելի ստորագրութիւն]
* * *
- Հայարփի Տեմիրճեանէն
[Նիկոսիա,] 9 Յունուար [19]92[cmxviii]
Յարգելի ընկ. Պ. Սիմոնեան եւ ընտանիք,
Դեռ երէկ վերադարձան մեր աշակերտները եւ նոր իմացայ որ Ձեզի հասցէագրուած նամակն ու ծրարը վերջին օրերուն հասած են Ձեր ձեռքը: Պատուիրեր էի իմ աշակերտին որ տոքթ. Թ. Էթարեանին[cmxix] յանձնէ որ Ձեզի հասցնէ, բայց սխալ հասկացողութիւն մը եղած պէտք է ըլլայ: Կարեւորը որ հասաւ Ձեզի:
Պէյրութ եկող ուրիշ ծանօթ մը գտնուեցաւ որուն կը վստահիմ այս նամակը բերելը: Դժբախտ դէպք մը պատահեցաւ մի քանի օր առաջ. իմ նախորդ նամակներուն մէջ յիշատակած տիկ. Արփինէ Պէրպէրեանը, որ մեր ընտանիքի մօտիկ բարեկամուհին էր, «Սահակեան»ի համակիրը, Ձեզի ծանօթ տիկ. Սօսի Պետիկեանի եւ գրող Շաքէ Վարսեանի քոյրը, որ տարբեր առիթներով նուիրատուութիւններ ըրած էր, ինքը կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք մահացաւ Յուն. 5-ին: Ահա՛ այդ տխուր առիթով նորէն որոշ նուիրատուութիւններ ունինք:
1.– Տէր եւ տիկ. Տիգրան, Մայտա Թաթարեան $10.00 կը նուիրեն Պ. Սիմոնեանի նոր գործերու ֆոնտին, առ ի գնահատանք, «Ծառի Ճիչը» հատորի հրատարակութեան առիթով:
2.– Տիկ. Ազատուհի Տեմիրճեան $5.00 կը նուիրէ Բ. Ժամկոչեան ֆոնտին եւ $5.00 «Արարատ» օրաթերթին:
3.– Տէր եւ տիկ. Սարգիս Տեմիրճեան $5.00 կը նուիրեն Բ. Ժամկոչեան ֆոնտին:
Ընդհանուր՝ $25.00:
Մեր սրտագին բարեւները եւ բարեմաղթութիւնները տիկ. Ազատուհիին եւ տղաներուն՝ Նոր Տարուայ առիթով:
Յաջողութիւններ Ձեր ազգանուէր գործի ընթացքին համար:
Ձերդ՝
Հայարփի Տեմիրճեան
Յ. Գ. Հանգուեցալ տիկ. Պէրպէրեանի քոյրը եւ ամուսինը (յոյն է)՝ Տէր եւ տիկ. Սաւաս եւ Դեղձանիկ Պոյաճի, նոյնպէս կը փափաքին Բ. Ժամկոչեան ֆոնտին նուիրել $15.00, իսկ «Արարատ» օրաթերթին՝ $5.00:
Ընդհանուր $45.00
Շնորհակալութիւն:
Հայարփի
* * *
[Նիկոսիա,] 30 Մարտ [19]92[cmxx]
Յարգելի ընկ. Սիմոնեան եւ ընտանիք,
Շնորհակալութեամբ ստացանք ձեր նախորդ նամակը: Ներփակ՝ բոլոր նուիրատուութիւններու ստացագիրները եւ թերթի կտրօնները:
Յոյսով եմ այս նամակս ձեզ եւ ընտանիքը՝ տիկ. Ազատուհին եւ տղաները կը գտնէ լաւ վիճակի մէջ:
Այս առիթը օգտագործելով ներփակ կը ղրկենք ձեզի եւս 50 տոլար՝ մեր սանիկի կրթաթոշակի վերջին բաժինը: Յոյսով ենք այդ ներդրումը կը թեթեւցնէ դպրոցի[ն] վիճակը: Յոյսով ենք որ մեր տղան արժանաւոր հետեւորդը կ’ըլլայ արժանաւոր սահակեանցիներու, որոնք միշտ դպրոցի[ն] պատիւը բարձր պահած են:
Մի քանի կարճ տեղեկութիւն ալ կը փափաքիմ այս առիթով մեր մասին հաղորդել: Ընդամէնը 2 օրէն կը լրանայ մեր հայրիկի մահուան 2-րդ տարելիցը: Այս առիթով մայրիկի[ն] եւ իմ կողմէս ընդունեցէք եւս 10 տոլար, նուէր փոխան ծաղկեպսակի, Բ. Ժամկոչեան ֆոնտին: Անշուշտ կ’երեւակայէք մայրիկի[ն] վիճակը: Այնքան ծանր էր հարուածը որ դեռ ինքզինքը չէ գտած: Շատ մտահոգ եմ, չեմ տեսներ որեւէ ձեւ զինք դուրս հանելու այս վիճակէն: Բարեբաղդաբար, եղբօրս զաւակները կը զբաղցնեն որոշ ձեւով ու մոռացութեան կու տայ ինքզինքը: Իմ գործս ալ այնքան բազմատեսակ [է] որ ստիպուած եմ բոլոր ժամանակս տրամադրելու: Այնքան քիչ ժամանակ ունիմ մօրս հետ զբաղուելու որ շատ մտահոգ եմ: Ամառ թող գայ որ փոխուի այս վիճակը:
Կ’ուզեմ վերջացնել հոս, ձեզի անձամբ մաղթելով առողջութիւն եւ ստեղծագործական յաջողութիւն, ընտանիքին՝ լաւագոյն մաղթանքներ, երազներու իրականացում:
Ձերդ՝
Հայարփի Տեմիրճեան
Յ.Գ.– Ներփակ պահարանը, ձեզի նեղութիւն, խնդրեմ յանձնեցէք:
Նոյն
* * *
[Նիկոսիա,] 27 Յունուար [19]93[cmxxi]
Սիրելի Սիմոնեան ընտանիք,
Մեծ ուրախութեամբ ստացանք ձեր Նոր Տարուայ շնորհաւորագիրը: Մայրիկը շատ ուրախացաւ որ տիկ. Ազատուհին էր գրողը ու դեռ չէր մոռցած մեզ:
Եթէ իրականութիւնը ըսեմ, պէտք է խոստովանիմ որ Պէյրութը շատ կարօտցած եմ ու սրտովս միշտ ձեզ[ի] հետ եմ: Ինչքան ժամանակ է ձեզի հետ դէմ-դիմաց չենք խօսած: Պրն. Տիգրանը եւ տիկ. Վարդուհին[cmxxii] ինծի համար ալ գիւտ էին, այնպէս որ յաջորդ այցելութիւնս բաւականին հետաքրքրական ու բարձր մակարդակի պիտի ըլլայ, բայց չեմ կրնար խոստանալ թէ երբ պիտի ըլլայ:
Յարգելի ընկ. Սիմոնեան,
Մեր Մհերիկի կրթաթոշակէն 50 տոլար մնացած էր. այդ կապակցութեամբ ձեզի կը ղրկենք 25 կիպրական, որը այդ հաշիւը պէտք է ծածկէ: Դժբախտաբար, տոլար չկրցանք գտնել, յոյսով եմ տարբերութիւն մը չ’ըներ:
Երկտողիս կ’ընկերակցի տիկ. Մայտա Թաթարեանի նամակը «Արարատ»ի խմբագրութեան: Ինքը աճապարանքով գրեց, որ Ձեր միջոցով տեղ հասցուի, քանի որ ընտանիքով Դամասկոս պէտք է մեկնէր իր մեծ տղու[ն] նշանախօսութեան առիթով:
Շատ կը ներէք որ կարճ ու ամփոփ կը գրեմ, բայց խօսք կու տամ յաջորդին աւելի մանրամասն գրել:
Բարեւներ բոլորին, մասնաւորաբար պրն. Տիգրանին ու տիկ. Վարդուհիին:
Մօրս կողմէ ջերմ բարեւներ ձեր բոլորին:
Յարգանքներով՝
Հայարփի Տեմիրճեան
* * *
[Նիկոսիա,] 28 Մարտ [19]93[cmxxiii]
Յարգելի ընկ. Սիմոնեան,
Ահա՛ այս անակնկալ երկտողը կը գրեմ ընկ. Շիրազին[cmxxiv] Կիպրոսի մէջ հանդիպելու առիթով:
Այսօր մենք հայրիկիս մահուան երրորդ տարելիցը տօնեցինք: Ճիշդ այդ առիթով ընկ. Շիրազի հետ 15 տոլար կը ղրկենք ձեզի, 5 տոլարը՝ «Արարատ»ին, իսկ 10 տոլարը՝ Բենիամին Ժամկոչեան ֆոնտին՝ հայրիկիս տարելիցին առիթով:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն:
Հայարփի Տեմիրճեան
* * *
[Նիկոսիա,] 27 Սեպտեմբեր 1993[cmxxv]
Յարգելի ընկ. Պ. Սիմոնեան եւ ընտանիք,
Շատ աճապարանքով ու կարճ պիտի գրեմ քանի որ վերջին վայրկեանի մնաց այս երկտողը:
Լիբանանէն եւ Սուրիայէն եկած կիրակնօրեայ դպրոցներու համագումարով զբաղուած էի այս վերջին օրերը եւ ժամերը հաշուուած էին: Տիկ. Լաչինեանը,[cmxxvi] որ այս երկտողը պիտի բերէ, կրնայ վկայել այդ մասին ու բերանացի ալ կրնայ պատմել շատ բան: Մամային հետ հանդիպեցաւ. այդ իսկ առիթով ձեզի կը ղրկէ $100՝ առաջին մասնավճարը իր սանիկի՝ Մհերի կրթաթոշակէն: Եթէ որեւէ փոփոխութիւն կայ գումարի վերաբերեալ՝ խնդրեմ տեղեակ պահեցէք մեզ:
Յոյսով եմ ձեր ամառային արձակուրդը լաւ անցաւ ու պէտք եղածին պէս օգտագործեցիք: Մենք լաւ ենք, կրնաք բոլոր մանրամասնութիւնները տիկ. Ժանէթէն հարցնել:
Բարեւներ եւ յաջողութիւն վերամուտի առիթով:
Հայարփի Տեմիրճեան
* * *
[Նիկոսիա,] 21 Դեկտ[եմբեր] 1993[cmxxvii]
Յարգելի ընկ. Պ. Սիմոնեան,
Մայրիկի փափաքով կը ղրկեմ եւ[ս] 50 տոլար մեր Մհերի կրթաթոշակի վերջին բաժինը: Յոյսով եմ լաւ աշակերտ է: Ճիշդը՝ պիտի փափաքէի որոշ տեղեկութիւններ ունենալ իր ուսումնական վիճակի մասին:
Այս կարճ երկտողով կ’ուզէի մաղթել նորանոր աշխատանքային յաջողութիւններ ձեզի եւ տիկ. Ազատուհիին, իսկ տղաներուն՝ յաջողութիւն իրենց ուսումնական ասպարէզներու[ն] մէջ:
Քաջ առողջութիւն ձեր բոլորին՝ ապագայի երազներու իրականացման համար:
Յարգանքներով՝
Հայարփի Տեմիրճեան
* * *
- Յովհաննէս Տեմիրճեանէն
SYDNEY [Սիտնի], 7 Փետրուար [19]94[cmxxviii]
Յարգելի ընկ. Պէպօ Սիմոնեան,
Նախքան Ձերին բոլորիդ որպէսութիւնը կը հարցնենք, Դուք ալ հարցնելու ըլլաք՝ շատ լաւ ենք, փառք Տիրոջ:
Սիրելի ընկ., շատ շնորհակալ եմ Ձեր հիւրասիրութեան, նոյնպէս ընկերուհիին, իր բոլոր աշխատանքին: Այդ գիշեր շատ յոգնեցուցինք ընկերուհիին, բայց շատ լաւ եւ անմոռանալի երեկոյ մը անցուցինք միատեղ: Բարեւներ մեր կողմէն: Գալով մեր կարեւոր կէտին, արդեօք ընկ. Վահրիճին հետ տեսնուեցա՞ք եւ պէտք եղածին մասին խօսեցա՞ք: Շատ պիտի խնդրէի ունենալ պաշտօնական նամակ մը այս հարցին շուրջ ընկ. Վահրիճէն, եթէ կարելիութիւնը կայ: Ցաւօք սրտի, շատ կ’ուզէի տեսնել իրենց առաջ որ Լիբանանը ձգեմ, բայց շատ անկարելի եղաւ:
Ընդունեցէ՛ք այս նկարները մեր կողմէն իբր յիշատակելի նկարներ դպրոցի[ն] եւ Ձեր ընտանիքին հետ նկարուած նկարներ: Յովհաննէսի եւ աղջիկներուս կողմէն շատ բարեւներ ձեր բոլորիդ եւ բոլոր ձեր աշխատանքներուն յաջողութիւններ, իսկ Ձեզի ուժ եւ երկար կեանք պարգեւէ Աստուած: Շատ շատ բարեւներ ձեր բոլորիդ, մեզ[ի] հարցնողաց:
Ուրիշ գրելիք չունենալով, կը փակեմ նամակս: Նամակիդ պատասխանը սպասողները
Ձեզ միշտ յիշող ու յարգող՝
ընկ. Յովհաննէս Տեմիրճեան ընտանիքը
* * *
- Կարպիս Տէր Եղիայեանէն
GARBIS DER YEGHIAYAN
Barrister-at-law
- O. Box 8110
Beirut, Lebanon
Tel. 246407
“The Law in its majestic equality, forbids the rich as well as the poor to sleep under bridges, to beg in the street, and to steal bread.”
[Պէյրութ,] 18 Մայիս 1972[cmxxix]
Սիրելի պր. տնօրէն,
1.- Ցուցահանդէսի պահարանները բաժնեցինք դպրոցի ընտանիքներուն: Անդրանիկին հետ ղրկեցի նաեւ միւս մնացածները ու մաս մըն ալ տիկ. Արշալոյսը[cmxxx] եւ ես բաժնուեցանք:
2.- Երէկ հետաքրքրուեցանք ցուցահանդէսի տախտակներով: Երկու տեղերէ կրնանք կարգադրել: Առաջինը Թէքէեանէն,[cmxxxi] եթէ որ պր. Ե. Պապայեանը[cmxxxii] կը ճանչնաք, այն ատեն եթէ երկտող մը գրուի՝ լաւ կ’ըլլայ: Երկրորդը Կոմիտաս ակումբէն՝ տոքթ. Յ. Սաղըրեանի միջոցով: Այս վերջինը կը կարծեմ, թէ կրնանք կարգադրել պր. Փիէռին հետ այսօր: Սակայն Թէքէեանի մէջ աւելի շատ թիւով տախտակներ կան եղեր:
3.- Պր. Յ. Սընըգճեանը[cmxxxiii] եկաւ ու նամակ մը գրեցի Aeroflot-ի[cmxxxiv] տնօրէնութեան՝ տոմսակի կապակցութեամբ:
4.- Տարեգիրքին համար սրբագրուելիք էջը կը ղրկեմ Ձեզի:
5.- «Կալա»ին համար ուսուցիչներուն տոմս պիտի տրուի՞, տիկ. Անմահունին[cmxxxv] 2 տոմսակ կ’ուզէ 5 լ. ո.նոց:
6.- Եթէ ապակիէ պահարանին բանալին ղրկէք՝ շնորհակալ կ’ըլլամ:
7.- Տիկ. Անմահունին կը հարցնէ, որ պր. Նազարէթ Չիլինկիրեանին կալայի հրաւիրատոմս մը ղրկել յարմա՞ր է: Ամէն բան լաւ կ’ընթանայ:
Սիրով՝
Կարպիս
Էջի ձախ լուսանցքին՝ էջին երկարութեամբ գրուած է․ 8.- Անուններու ցանկը, որ տուած էք տիկինին, անոնց «կալայի» տոմսակները ղրկե՞նք։
* * *
- Գասպար Տէրտէրեանէն
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Պէյրութ, 1 Նոյեմբեր 1994[cmxxxvi]
Յարգելի բարեկամ Պէպօ Սիմոնեան,
Արդէն հասած ենք Մեծ Եղեռնի 80-րդ տարելիցի սեմին, եւ տակաւին մենք՝ սփիւռքահայութիւնը, չէ յաջողած իրականացնել Համասփիւռքահայ Քոնկրէսը, որպէս կեդրոնական եւ ներկայացուցչական մարմին մը, որ պիտի հանդիսանար սփիւռքացած արեւմտահայութեան միակ լիազօր պատգամախօսը, միջազգային ատեաններու առջեւ, հետապնդելու համար Հայ Դատը:
Սփիւռքահայ Ժողովրդավար Շարժումը (Ս. Ժ. Շ.) հաւատացած է, թէ Համասփիւռքահայ Քոնկրէսի ստեղծման առաջադրանքին նախաձեռնութիւնը կը ծանրանայ յառաջապահ եւ յանձնառու սփիւռքահայ մտաւորականութեան ուսերուն: Այդ մտաւորականութիւնը կրնայ պատկանած ըլլալ սփիւռքահայ քաղաքական եւ գաղափարական այլազան ու տարբեր ուղղութիւններու եւ հոսանքներու, եւ սակայն՝ հաւասարապէս կը ներկայացնէ տարագիր արեւմտահայութեան ազգային խղճմտանքը, նաեւ իւրաքանչիւրը՝ իր իսկ պատկանած հոսանքին կամ ուղղութեան բանական ու կշռադատ քննիչը եւ անոր հաւանական սայթաքումներուն քննադատն ու ընդդիմադիրը, եթէ չէ հրաժարած մտաւորականի իր կոչումէն եւ կը շարունակէ համասփիւռքահայ ընդհանրական շահերը գերադասել հատուածական շահերուն:
Այս հաստատ համոզումով՝ ներփակեալ «Յայտարարութիւն»ը կ’առաջարկենք հրապարակել 1995 թուականի Յունուարի կէսերուն, տարբեր հայագաղութներէ շուրջ 25 մտաւորականներու անունով, որոնց շարքին նկատի առնուած է նաեւ Ձեր անունը:
Արդ, եթէ լուրջ տարակարծութիւն մը չունիք այս «Յայտարարութեան» բովանդակութեան եւ հետապնդած առաջադրանքին շուրջ, բարեհաճեցէ՛ք ստորագրել զայն եւ առաքել մեր անունին եւ հասցէին, որ հետեւեալն է.-
Maître K. Derderian
Rue Marache, Centre Alichan, 2ème étage, Nº 7
Bourdj-Ham[m]oud
Մինչ այդ, յարգամեծար գործակից բարեկամ, ընդունեցէ՛ք մեր ջերմ ողջոյնները եւ լաւագոյն մաղթանքները:
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան[cmxxxvii]
Ընդհ. քարտուղար
Ս. Ժ. Շ.ի նախաձեռնող կորիզի
Յ.Գ.– Կը խնդրուի Ձեր դրական (կամ տարբեր) պատասխանը առաքել ամենաուշը մինչեւ 31 Դեկտ. 1994:
Նոյն
Առանձին էջի վրայ, էջին երկարութեամբ գրուած է.
Ծանօթ.- Մտաւորականներ նկատի առնուած են Լիբ[անան]էն, Սուր[իայ]էն, Իրանէն, Կիպրոսէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն եւ Ամերիկ[այի] Միաց[եալ] Նահանգներէն:
* * *
- Ռուբէն Տիրարեանէն
[Հալէպ, 1980-ի աշուն][cmxxxviii]
Սիրելի Պէպօ,
Ստացած եմ Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէնութեան յղած 10 Սեպտ. 1980 թուակիր տողդ եւ ուշադրութեամբ կարդացած եմ Յ.Գ.-ով ինձ ուղղուած բաժինը:
Ջերմապէս կը գնահատեմ «Հեքիաթ Հայաստանի Մասին» գրքոյկդ, զոր ձօնած ես աշխարհի բոլոր մանուկներուն, յատկապէս հա՛յ մանուկներուն:
Ուրախ եմ, որ քու զանազան հրատարակութիւններովդ մտար արդէն սփիւռքահայ գրականութեան պատմութեան մէջ, ուր ունեցար քու պատուաւոր տեղդ: Աւելիին արժանի ես, ու կը նուաճես անպայման, քանի քեզ գնահատող եւ քու վրադ գուրգուրացող շրջապատ ունիս, Պէյրութէն մինչեւ Հայրենիք…: Յաջողութի՜ւն եւ նորանոր բարձունքներու լաւագոյն մաղթանքներ:
***
Թերեւս նորութիւն չըլլայ քեզի համար, եթէ ըսեմ որ Յուլիս 1980-էն սկսեալ հրաժարած եմ Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնէն եւ դարձած հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասախօս նոյն հաստատութեան մէջ…:
Քսանեօթ[ը] տարուան տեսչական եւ երեսունհինգ տարուան ուսուցչական պաշտօն ունիմ ետիս, ա՛լ չեմ խօսիր հանրային հասարակական գործունէութեանս մասին, որովհետեւ այդ ամէնը դուն լաւ գիտես:
Հրաժարականս «սիրով» ընդունուեցաւ… եւ տեղս նշանակուեցաւ տիկին մը՝ Ազնիւ Քիրիշեան:
Գրքոյկդ փոխանցեցի յիշեալին, առ ի տնօրինում…:
Ջերմ բարեւներ համեստափայլ տիկնոջդ՝ տիկ. Ազատուհիին եւ յարգանք բոլոր այն գաղափարապաշտ եւ հայրենասէր ընկերներուն, որոնք պատնէշի վրայ կը նահատակուին, ի պահանջել հարկին, առանց տուրք վճարելու մերօրեայ Կրեսոսներուն եւ անտնտես հարուստներուն:
Այսօր ա՛յսքան, որպէսզի յուսախաբութիւնը չպատէ քեզ եւ շարունակես «սրբազան խենթի» նման ծառայել հայ դպրոցին եւ կուսակցութեանդ…:
Յարգանքով եւ կարօտով՝
[ստոր.՝ ՌՏիրարեան][cmxxxix]
Հասցէս.
Roupen Dirarian
- P. 3602 (Sul[e]y[maniyé])
Alep
Syrie
* * *
- Յասմիկ Քեշիշեանէն
[հաւանաբար Պէյրութ,] 8 Մայիս 1996[cmxl]
Փառք ու պատիւ իմ հայրենի[cmxli] ուսուցչիս՝ յարգարժան պրն. Պէպօ Սիմոնեանին.
Սիրելի ուսուցիչս,
Չէի ուզեր որ ուսուցչաց տօնին զուգադիպելով շնորահաւորանքս պարտականութիւն զգալով ուղարկել Ձեզի այս նամակս, եւ ոչ ալ այլ առիթով մը, որպէսզի պարտաւորուած զգայի, այլ այս երկտողով կ’ուզեմ ձեզի փոխանցել սրտագին ողջոյններս եւ լաւագոյն մաղթանքներս:
Կը պարտիմ Ձեզի գործիս մէջ յաջողութիւն գտնելուս եւ շրջանակիս մէջ յարգուած ըլլալուս համար, եւ անսահման շնորհակալ եմ Ձեզմէ՝ Ձեր տուած կրթութեան եւ փոխանցած բարոյական գիտելիքներուն համար, իմ լաւ ուսուցիչ:
Հակառակ, որ Ձեզ չեմ տեսներ, բայց հաւատացէ՛ք, որ միշտ եղած էք եւ կը մնաք իմ լաւագոյն ուսուցիչս:
Ձեր աշակերտուհին՝
Յասմիկ Քեշիշեան
* * *
- Սեսիլ Քեշիշեանէն
Պոստոն, Դեկտ. 1969[cmxlii]
Սիրելի Ազատուհի եւ Պէպօ,
Շուտով պիտի աւարտենք մեր Ամերիկայի կեանքին առաջին տարին: Յուզումով եւ անխառն հպարտութեամբ դիմաւորելէ ետք մեզի ի պատիւ սարքուած ողջերթի բազմաթիւ հաւաքոյթներ, անցանք Եւրոպա: Հաճելի էր մեզի համար 10 օրեր գլուխ-գլխի անց[ը]նելը Փարիզի եւ Լոնտոնի պէս պատմական քաղաքներու մէջ: Բարեբախտութիւն էր նաեւ հանդիպիլ հոն վաղեմի բայց սիրելի բարեկամներու:
9 ամսու փոքրիկ Ալինը[cmxliii] այժմ դարձած է մօտաւորապէս երկու տարու վառվռուն աղջնակ մը, հայերէնի բաւականին ճոխ մթերքով եւ մի քանի անգլերէն բառերու թոթովումով: Այս մէկը կը պարտինք տան մէջ «միայն հայերէն» խօսելու մեր վճռակամութեան:
Ալեքը[cmxliv] անցնող ամռան տօնեց իր հինգերորդ տարեդարձը բազմազգի ընկերներով: Ան այժմ կը յաճախէ (քալելով 5 վայրկեան) թաղային վարժարանը, որ հաճելի զուգադիպութեամբ մը եղած է նաեւ նախագահ Քենետիի յաճախած վարժարանը: Կը հետեւի նաեւ ջութակի դասերու, որոնց մէջ կը ցուցաբերէ երաժշտական զգալի հակում: Նոր միջավայրին յարաբերաբար ամէնէն դժուար յարմարողը Ալեքը եղաւ մեր մէջ. երկար ժամանակ դրաւ հասկնալու համար թէ ինչո՞ւ կարելի չէր իրեն հեռախօսել կամ… ըլլալ իր զարմիկին՝ Սեւակին եւ այլ հարազատներու հետ: 4-5 ամիսէն սորվեցաւ իրեն բաւարար չափով անգլերէն, որ կը ճոխանայ նաեւ շնորհիւ հեռատեսիլի վրայ ցուցադրուող մանկավարժական յայտագիրներէն. տան մէջ ես կը շարունակեմ իր հայերէնի դասերը:
Գէորգը[cmxlv] ակնկալուածէն շատ աւելի դիւրութեամբ փարեցաւ իր մասնագիտութեան: Հիւանդանոցներու եւ համալսարաններու ընդհանուր մթնոլորտը զինք մեծապէս խանդավառած է: Շուտով կը սկսի իր եռամեայ մասնագիտութեան երկրորդ տարին: Գործէն դուրս իր ազատ պահերը գրեթէ ամբողջութեամբ կը տրամադրէ սերտողութեան: Կը պատրաստուի պետական երկու անհրաժեշտ քննութիւններու: Ձեւով մը ինքզինք շրջանաւարտ կը զգայ ազգային-հասարակական իր անցեալի այնքան բեղուն գործունէութենէն, թէեւ կը մասնակցինք որպէս հանդիսատես ազգային թէ մշակութային որեւէ մեծ ձեռնարկի: Գէորգին այս ակամայ չէզոքացումը ազգային կեանքէն ժամանակաւոր բնոյթ ունի անկասկած:
Իմ ալ գործունէութեան դաշտս առ այժմ սահմանափակուած է առտնին գործերով եւ պզտիկներուս հոգատարութեամբ: Մխիթարական է հաստատել որ հոս կենսական անհրաժեշտութիւնը չեմ զգար «օգնական»ի մը, ինչպէս կը զգայի Պէյրութի մէջ: Ելեկտրական սարքերու շնորհիւ փրկուած եմ լուացք փռելու կամ պնակ լուալու տաղտուկէն: Տարօրինակ բայց իրաւ՝ տարիներով ռատիօ եւ փիք-ափ նուագելէ ետք, սկսած եմ ջութակ նուագել Ալեքին ջութակի փորձերուն կարենալ հետեւելու[cmxlvi] համար, ինչպէս թելադրուած էր դպրոցէն:
Մեր տունը անցնող տարին ժամադրավայր մը դարձած էր բազմաթիւ բարեկամներու եւ մտաւորականներու, որոնք իրենց շրջապտոյտներուն ընթացքին կ’անցնէին Պոսթոնէն (Պէյրութ, Եգիպտոս, Նիւ Եորք, Տիթրոյթ, Գանատա, Գալիֆորնիա, Ուաշինկթըն, Լիզպոն եւ այլն): Զիրենք հիւրընկալելն ու այդ առթիւ տան մէջ բարեկամական հաւաքոյթներ սարքելը հաճելի զբաղում եւ անձնական ուրախութեան աղբիւր դարձան, ինչպէս նաեւ բոլորիս համար իմացական ու մտաւորական խնճոյք:
Այցելեցինք Նիւ Եորք՝ վերջին անգամ ներկայ ըլլալու Հ. Բ. Ը. Մ.ի նորակազմ երգի-պարի [խումբի] ելոյթին, ուրիշ անգամ մը՝ Վ. Մավեանի[cmxlvii] ի պատիւ զուտ մելգոնեանցիներով սարքուած երեկոյթի մը՝ տէր եւ տիկին Վ. Թամզարեաններու բնակարանին մէջ: Գէորգը հոս առիթը ունեցաւ հանդիպելու իր քեռորդիին՝ տասը տարուան բաժանումէ մը ետք: Եղանք մեր մօտակայ նահանգներէն Նիւ Հեմշըր, յատկապէս ըմբոշխնելու համար ծառերու գունափոխութիւնն ու աշնան տերեւաթափը: Գէորգը տոքթ. Եսայեանի ընկերակցութեամբ Մոնթրէալ ալ գնաց երկար ուիքենտի[cmxlviii] մը համար:
Այս տարի ամերիկահայ բազմաթիւ համագումարներ տեղի ունեցան Պոսթոնի մէջ: Ներկայ եղանք Հ. Բ. Ը. Մ.ի Պատգամաւորական Ժողովի ճաշկերոյթ- պարահանդէսին, ուր տեսնուեցանք նախագահ Ալեք Մանուկեանի հետ. նաեւ NAASR-ի՝ Համազգային Հայագիտական Ընկերակցութեան ճաշկերոյթ- պարահանդէսին, որ երեք հայկական ամբիոններ կը պահէ մեծագոյն համալսարաններու՝ Harvard, Colombia[cmxlix] եւ UCLA-ի մէջ: Իսկ Ռ․ Ա․ Կ․ի Պատգամաւորական Ժողովի ճաշկերոյթին տեսնուեցանք տոքթ. Գերսամ Ահարոնեանի[cml] հետ:
Մեր գեղարուեստական հաճոյքներէն եղան Լուսինէ Զաքարեանի երգահանդէսը՝ Կոմիտասի 100-ամեակին առիթով, Մոնթրէալի Թէքէեանի թատերական խումբին կողմէ ներկայացուած Երուանդ Օտեանի մէկ գործը՝ «Ընտանիք, Պատիւ, Բարոյական»՝ թատերախաղի վերածուած: Վերստին վայելեցինք «Գասպար Իփէքեան» թատերախումբին[cmli] ներկայացուցած Րաֆֆիի «Ոսկի Աքաղաղը»: Եւ վերջապէս, հայկական շարականներու վերամշակուած մէկ գործը՝ ամերիկահայ համբաւաւոր երգահան Ռ. Եարտըմեանի[cmlii] մէկ գործին առընթեր, ղեկավարութեամբ պարսկահայ Ռ. Կրեկորեանի,[cmliii] կատարողութեամբ Պոսթըն Սիմֆընի նուագախումբին եւ մասնակցութեամբ Հարվըրտ-Ռետքլիֆ համալսարաններու երգչախումբերուն եւ Պոսթընի պետական երաժշտանոցի երգչախումբին, ուր խափշիկներու եւ չինացիներու ալ բերնէն կ’ունկնդրէինք «Խորհուրդ մեծ»ը:[cmliv]
Այսքան մեր մասին:
1970-ի սեմին կը մաղթենք իւրաքանչիւրիդ որ յառաջիկայ տարին ըլլայ բարեբեր եւ խաղաղ տարի մը, առողջութեան եւ ազնիւ երազներու իրականացման մաղթանքներով:
Գէորգ, Սեսիլ,[cmlv] Ալեք, Ալին
Գէորգ Քեշիշեան իր ձեռագիրով աւելցուցած է հետեւեալ հատուածը.
21 Դեկտ[եմբեր] 1969
Սիրելի Պէպօ,
Կը ներես որ չեմ գրած քեզի: Պատճառը, խնդրեմ, վերագրէ բազմազբաղ վիճակիս եւ երբեք քեզի եւ Ազատուհիին հանդէպ իմ եւ Սեսիլին տածած բարեկամութեան ջերմութեան նուազումին: Նոր երկիր, նոր մասնագիտութիւն կլանած են գրեթէ ամբողջ օրերս եւ իրիկուններս: Յառաջիկայ տարիներուն ի վիճակի կ’ըլլամ ազգային, գրական, հասարակական ինծի այնքան սիրելի կեանքին վերադառնալ, անգամ մը որ աւարտեմ ուսմանս եւ մասնագիտութեան տարիներս:
Բարեկամաբար՝
Գէորգ
Dr. & Mrs. K. B. Keshishian
120 Babcock st., # 1
Brookline, Mass. 02146
- S. A.
Mr. & Mrs. Bebo Simonian
- O. Box 4037
BEIRUT
LEBANON
* * *
- Ռոմէն Քոզմոյեանէն
[Երեւան,] 15 Յուլիս 1996[cmlvi]
Պէպօ ջան,
Մեր հապճեպ հանդիպումից համ ու հոտ չառանք: Սպասենք միւս հանդիպումներին, այս անգամ Ազատուհու հետ: Պէտք է խնդրեմ, որ գալուց առաջ անպայման իմանամ, որ օրերս ըստ այդմ ծրագրեմ:
Ճիշդ է՝ ես կուսակցական լիդեր չեմ «որոշ ընկերների» նման, բայց գործեր ու ժամանակի պակաս ունենում եմ:
Մի քանի առիթով տեսել ես, թէ օրերս ինչպէս են անցնում: Գնացող, եկող, զանգեր ու առտնին հարցեր այնքան շատ են, որ նամակ կարողանում եմ գրել միայն Շաբաթ կամ Կիրակի օրերին, եթէ մեքենաս դռանը տեսնողները ներս չեն մտնում ու պատմում իրենց դարդերը:
Բարեկամս, իմ եւ Աիդայի[cmlvii] կողմանէ բարեւիր Ազատուհուն, տղաներին, ասա, որ Գալայճեան-Սիմոնեաններիդ լրիւ կազմով սպասում ենք Երեւանում:
Սիրով՝
Ռոմէն Կոզմոյեան
[ստոր․՝ Ռ + անվերծանելի շարունակութիւն]
* * *
- Քերոլայն Քոքսէն
House of Lords
The Baroness Cox
Tel. 0181 204 7336 / Fax 0181 204 5661
Mr. Bebo Simonian
c/o Azadouhi Kalaidjian
Lebanese American University
- O. Box 13-5053
BEIRUT
Lebanon[cmlviii]
[London,] 26 February 1996[cmlix]
Dear Mr. Simonian,
I have recently received the translation of your poem “The Cross” which I believe you have very generously dedicated to me.
Words are inadequate to convey my appreciation. The poem itself is so profoundly moving that any attempt to describe my feelings would trivialize it.
The additional feeling aroused by the dedication to me are also beyond words. It has been my great privilege to visit the valiant Armenians of Artsakh during some of their darkest and most difficult days. We have just returned from our 27th mission there and find that they are displaying the same courage in peace that they showed in war. All of us who have been with them in these years of trial return feeling that we have received much more than we have ever been able to give.
I enclose for your interest a copy of the report of our most recent visit together with a publication which we brought out in 1993 as part of our endeavors to educate the international community about the plight of the people of Artsakh and the significance of their battle for survival in its longer-term historical context.
It would be a great delight to meet you one day and to thank you in person. In the meantime, this letter brings my profound gratitude.
With warmest good wishes,
Yours sincerely,
[ստոր.՝ Caroline Cox][cmlx]
- S.: I do not have to hand the address of Hratch Tchilingirian who kindly translated your poem for me. If you are in touch with him I would be grateful if you would kindly convey my appreciation.
* * *
[London,] 23 September 1997[cmlxi]
Dear Bebo Simonian,
It was a great delight to receive your letter of 9 September with the publication containing the translation of your very moving “The Cross”. Thank you very much, both for the poem itself and for this record of its translation.
I was also deeply touched by your expressions of appreciation of the work we have been undertaking for the Armenians of Artsakh. As I hope I always make clear, it is a privilege to be able to be with such valiant and gracious people in difficult times. It is my daily prayer that soon they may be able to emerge from the darkness of war and of political danger into peace, freedom, and security. We continue our visits and, for your interest, I enclose a copy of the report of our most recent mission.
Thank you for your kind message of sympathy for my recent loss of my husband.[cmlxii] It was a great shock, but at least I have the comfort of knowing that he did not suffer and that he died, undiminished, on the crest of the wave of professional and personal fulfilment.
I do hope that our paths might cross one day.
In the meantime, this comes with my renewed thanks, my warmest good wishes, and my continuing prayers for your people.
Yours sincerely,
[ստոր.՝ Caroline Cox]
* * *
Ինքնութիւնը չպարզուած անհատէ ստացուած նամակային տոմս
- Սփիւռքահայ անյայտ անձէ (Պերլին եւ Փոցտամ)
Պերլին եւ Փոցտամ, 18 Սեպտեմբեր 1970[cmlxiii]
Յարգելի ընկ. Պէպօ,
Շուրջ մէկ շաբաթ է որ հիւրն եմ Ուսուցիչներու Միութեան: Կը ծանօթանամ կրթական եւ մշակութային կեանքին ու այլեւայլ քաղաքներու:
Ջերմ բարեւներ բոլոր հարցնողաց:
Յարգանօք՝
[անվերծանելի ստորագրութիւն]
Mr. Bebo Simonian
c/o Journal ARARAT
- P. 756
Beyrouth
LIBAN
* * *
[i] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ii] Յովիկ Պօղոսեան (ծնած է 1965-ին՝ Պուրճ Համմուտ) – Ճարտարապետ, ուսուցիչ։ 1984-ին աւարտած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճը, 1992-ին՝ Երեւանի Ճարտարապետութեան եւ Շինարարութեան Համալսարանը։ 2005-ին հաստատուած է Մոնրէալ՝ Գանատա։
[iii] Նամակագիրը հաւանաբար նկատի ունի ծայրայեղ աջակողմեան «Լիբանանեան Ուժեր» ռազմական խմբաւորումը։
[iv] «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր Ժիրայր Նայիրի (Թոսունեան)
[v] Վարդան Չարըքեան։ Հրատարակուած ունի չափածոներու ընդամէնը մէկ գրքոյկ՝ «Մեսրոպեան Գիր Եմ Ես Հնադարեան – Յաղթական Արցախ Եւ Անկախ Հայաստան», տպարան «Կ․ Տօնիկեան եւ որդիք», Պէյրութ, 1997, 80 էջ։
[vi] Շահանդուխտ (Սանդուխտ Պերթիզլեան, ծնած է 1929-ին, Պէյրութ) – Լիբանանահայ գրող, լրագրող, խմբագիր, ուսուցչուհի։ Շուրջ 40 հրատարակուած գիրքերու հեղինակ է։
[vii] Շահանդուխտ, «Այրող Կամուրջներ (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Մութ Օրերու Խառն Թղթածրար)», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 1980, 174 էջ։
[viii] Ա․ Արամ, Բ․ Աշտիշատ (Բենիամին Պօղոսեան, շուրջ 1910-1999) – Լիբանանահայ հրապարակագիր, վիպագիր, ուսուցիչ։ Հիմնականին մէջ աշխատակցած է «Արարատ» օրաթերթին՝ առաւելաբար գործածելով Բ․ Աշտիշատ գրչանունը։
[ix] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[x] Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան։
[xi] Փոլ Վերլէն (1844-1896) – Ֆրանսացի ականաւոր բանաստեղծ, բանաստեղծութեան մէջ խորհրդապաշտ դպրոցի հիմնադիրներէն։
[xii] Ժագ Յակոբեան (1917-2019) – Եգիպտահայ, ապա ամերրիկահայ բանաստեղծ, ուսուցիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ դեղագործ։ Հեղինակութիւններուն զգալի մասը ունի կրօնական-քրիստոնէական բովանդակութիւն։
[xiii] Զարեհ Մելքոնեան (1922-2012) – Լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, խմբագիր, դասագիրքերու հեղինակ։ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Պէյրութի «Շիրակ» գրականութեան, արուեստներու եւ մշակոյթի ամսագիրի հիմնադիր խմբագիրը (1956-1964)։
[xiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[xv] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։
[xvi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[xvii] «Պալքանեան Մամուլ» – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Պալքանեան Շրջանի Վարիչ Մարմինի պաշտօնաթերթ։ Լոյս տեսած է 1914-1943-ին, կարճ կամ երկար ընդհատումներով, սկիզբը Ռուսէի, ապա Սոֆիայի մէջ։
[xviii] Այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ: Հաւանաբար նկատի ունի «շարքային» բառը:
[xix] Հաւանաբար նկատի ունի Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան երբեմնի ատենապետ Յարութիւն Կուժունիի այրին՝ Հնչակեան ղեկավար Արսէն Կիտուրի դուստր, կրթական մշակ Անժել Կիտուր-Կուժունին։
[xx] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Նամակին ուղղագրութիւնը աբեղեանական է։ Ինքնագիր։
[xxi] Շատ հաւանաբար՝ Սոֆիայի «Երեւան» շաբաթաթերթի խմբագիր Կարօ Հայրապետեանն է։
[xxii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[xxiii] Սարգիս Սողանալեան (1929-2011) – Զէնքի եւ զինամթերքի միջազգային վաճառական, մեծահարուստ, բարերար։
[xxiv] Խօսքը կը վերաբերի «Կոչնակ» երկշաբաթաթերթին։ Լոյս տեսած է Լոնտոնի մէջ, 5 Փետրուար 1988-էն 28 Հոկտեմբեր 1988 հաւանաբար, Մանուէլ Ադամեանի խմբագրութեամբ։ Ադամեան պիտի խմբագրէր նաեւ Լոնտոնի «Նոր Սերունդի Ձայն» պարբերաթերթը, որու առաջին թիւը լոյս պիտի տեսնէր 1 Դեկտեմբեր 1997-ին եւ շարունակուէր մինչեւ 2012-ի աւարտը, մինչեւ 2003-ի Նոյեմբերը ներառեալ՝ ամսական կանոնաւոր պարբերականութեամբ, այնուհետ՝ միացեալ թիւերով եւ ընդհատումներով։ Վերջին՝ 129-րդ թիւը կը կրէ Դեկտեմբեր 2012-ի նշումը
[xxv] Նազարէթ Պշտիկեան – Բնագիրին մէջ մականունը գրուած է «Փշտիկեան» ձեւով։
[xxvi] Տոքթ․ Արշակ Գազանճեան։
[xxvii] Աւետիս Տեմիրճեան։
[xxviii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[xxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xxx] Տիրան Ճերեճեան որդին է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ ատենապետ Յարութիւն Կուժունի/Ճերեճեանի։
[xxxi] Անգլիոյ մէջ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի գործիչներէն Եղիա Եղիազարեան։
[xxxii] Հնչակեան եւ Հ․ Մ․ Մ․ի ղեկավար գործիչ Տիգրան Սարաֆեան։
[xxxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xxxiv] Ճիշդ բառն է՝ պայթում։
[xxxv] Մատթէոս Սարգսեան (1863-1915) – Հնչակեան ղեկավար գործիչ, Քսան Կախաղաններու գլխաւոր դէմքը։
[xxxvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xxxvii] «Դրօշակ» – Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան կեդրոնական պաշտօնաթերթն է։ Լոյս տեսած է 1891-էն՝ տարբեր քաղաքներու մէջ՝ մեծ ընդմիջումներով (յատկապէս 1933-էն 1986)։ 2007-2011-ին եւ 2020-էն սկսեալ կը հրատարակուի Երեւանի մէջ։ Գրութիւններուն մեծ մասը կը վերաբերի կուսակցական եւ ազգային գաղափարախօսութեան։
[xxxviii] Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վահրիճ Ճերեճեան։
[xxxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xl] Արա Սանճեան (ծնած է 1968-ին՝ Պէյրութ) – Պատմագիտութեան դոկտոր։ Աւարտած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանը, Երեւանի Պետական Համալսարանի եւ Լոնտոնի Համալսարանի Արեւելքի եւ Ափրիկէի Ուսումնասիրութեանց Դպրոցի պատմութեան բաժանմունքները։ Ատեն մը Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը վարելէ ետք հաստատուած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր Միչիկըն-Տիրպորն Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոնի վարիչն է։
[xli] Եղիկ Ճերեճեան:
[xlii] Հեռագրային թուղթ։
[xliii] Տիթրոյթի մէջ բարերար Լեւոն Մկրտիչեանի ներկայութեան կայացած՝ անոր ծննդեան 100-ամեակի մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին, հանդիսավարը, ի շարս ուրիշներէ, այդ թիւին Ա․ Մ․ Ն․ի նախագահ Ռոնըլտ Ռիկընէն, ստացուած հեռագիրներու, կարդացած է նաեւ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութեան շնորհաւորական հեռագիրը (Ա[նդրանիկ] Չելեպեան, «Մեծարանք – Յարգանքի երեկոյ 100-ամեայ Լեւոն Մկրտիչեանի», «Յուշարար-Միութիւն» ամսաթերթ, Նիւ Եորք, Նոր Շրջան (68-րդ տարի), թիւ 10, 15 Դեկտեմբեր 1981, էջ 15)։
[xliv] Էտմոն Կոտալազեան (աւելի յայտնի է Երուանդ Ազատեան գրչանունով, 1935-2023) – Ռ․ Ա․ Կ․ի, Թ․ Մ․ Մ․ի, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի ղեկավար գործիչ, գրող, գրականագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր։ Գործած է Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Ա․ Մ․ Ն․ի մէջ։ Որոշ տարիներ եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ, ատենապետ, երկար տարիներ, մինչեւ մահը՝ Թ․ Մ․ Մ․ի Ա․ Մ․ Ն․ի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։
[xlv] Ձեռագիր՝ Էտմոն Ազատեանի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[xlvi] 1994-ի գարնան վերջին Ժիրայր Նայիրի ազատ կացուցուած էր «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութենէն՝ այդ պաշտօնը 1957-էն վարելէ ետք։
[xlvii] Էլեկտրոնային նամակ տպուած սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xlviii] Ararat Magazine – Գրականութեան, պատմութեան եւ արուեստներու եռամսեայ, անգլերէն պարբերական։ Հրատարակած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնը 1959-2008 թուականներուն՝ Նիւ Եորքի մէջ։ 2010-էն զայն փոխարինած է նույն անունով առցանց պարբերականը։
[xlix] Ռ․ Ա․ Կ․ի Ա․ Մ․ Ն․ ի անգլերէն պաշտօնաթերթ The Armenian Mirror-Spectator շաբաթաթերթը։ Լոյս կը տեսնէ 1931-էն, Պոսթոնի մէջ, կանոնաւոր յաճախականութեամբ։
[l] Զարեհ Խրախունի (Արթօ Ճիւմպիւշեան, 1926-2015) – Պոլսահայ բանաստեղծ։
[li] Well բառը ընդգծուած է ձեռքով։
[lii] Սրբուհի Տիւսաբ (Սրբուհի Վահանեան-Տիւսաբ, 1840-1901) – Պոլսահայ գրագիտուհի եւ հասարակական գործիչ։
[liii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[liv] Մառի Աթմաճեան, «Ոսկի Գեղօն: Քերթուածներ 1960-1967», Փարիզ, 1967։
[lv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[lvi] Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ․ Սարգիսեան (1932-1999, Կիլիկիոյ աթոռակից կաթողիկոս՝ 1977-1983, կաթողիկոս՝ 1983-1995, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա․՝ 1995-1999։
[lvii] Նարեկ աբեղայ Ալեէմեզեան (ծնած է 1962-ին՝ Պէյրութ) – Հետագային՝ արքեպիսկոպոս։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան։ Աւարտած է Թ․ Մ․ Մ․ի Վահան Թէքէեան նախակրթարանը եւ Կիլիկիոյ Աթոռի դպրեվանքը։ Զանազան պաշտօններ վարած է կաթողիկոսութեան համակարգին մէջ։ Եղած է Աթոռի Դրան Եպիսկոպոս, Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ, Լիբանանի թեմի առաջնորդ։ Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժինի վարիչն է։
[lviii] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[lix] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «կարասիներ», ինչը սխալ է: «Կարասի» բառը ինքնին յոգնակի է եւ կարիքը չկայ կրկնակի յոգնակիացման:
[lx] Նկատի ունի բնագիտական ուղղութիւնները։
[lxi] Գրիգոր Պողարեան (1897-1975) – Հալէպահայ կրթական եւ հասարակական գործիչ, խմբագիր։ 1927-1957-ին վարած է Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Ապա անցած է Լիբանան, ուր 1962-1971-ին խմբագրած է Այնթապի Հայրենակցական Միութեան «Հայ Անթէպ»/«Հայ Այնթապ» եռամսեայ պարբերականը։
[lxii] Բենիամին Ժամկոչեան (1895-1984) – Կրթական եւ հասարակական գործիչ, խմբագիր։ Կեանքին 60 տարիները անցուցած է կրթական գործին մէջ։ Պէյրութի Սահակեան Լիսէի հոմանիշն է՝ անոր տնօրէնութիւնը վարած ըլլալով 1930-ին դպրոցին գոյառումէն մինչեւ 1974։ Իր ազգական Արի Թօփուզխանեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած է «Յուշարձան Ուսուցչապետ Բենիամին Ժամկոչեանի» նիւթերու ժողովածուն («ՎՄՎ պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2010, 582 էջ)։
[lxiii] Լեւոն Շանթ (Սեղբոսեան/Նահաշպետեան, 1869-1951) – Հ․ Յ․ Դ․ի, պետական եւ հասարակական գործիչ, բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, մանկավարժ։ Յաճախած է Սկիւտարի եւ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանները։ Այնուհետ մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն ուսանած է Լայփցիկի, Ենայի եւ Միւնիխի համալսարաններուն մէջ։ Զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ քաղաքական գործունէութեամբ։ 1920-ին գլխաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մոսկուա՝ պոլշեւիկներու հետ բանակցելու մեկնած պատուիրակութիւնը։ Վտարանդիութեան մէջ զբաղած է մանկավարժական գործունէութեամբ, 28 Մայիս 1928-ին եղած է Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան համահիմնադիրներէն եւ վերջինիս Պէյրութի Հայ Ճեմարանի առաջին տնօրէնը 1930-էն մինչեւ իր մահը։
[lxiv] Արա Թոփճեան (1915-2008) – Լիբանանահայ կրթական գործիչ։ 1939-1947-ին վարած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Երկրորդական Վարժարանի, այնուհետ 1947-1987-ին՝ Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնութիւնը։
[lxv] Կը կարդացուի ստորագրութեան միայն առաջին գիրը՝ Յ։
[lxvi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[lxvii] Հաւանաբար Պէպոյի եղբօր՝ տոքթոր Գրիգոր Գալայճեանի մահուան առթիւ:
[lxviii] Ձեռագիր՝ սովորական, քառակուսիներով ցանցուած թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[lxix] Անի Աղայեան – Յակոբ Աղայեանի տիկինը։
[lxx] Զարուկենք – Պէպոյի հօր՝ Տիգրան Գալայճեանի զարմիկները Հալէպի մէջ։
[lxxi] Խօսքը կը վերաբերի 1986-ին Աթէնքի մէջ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի 14-րդ համագումարին։
[lxxii] Յաջորդ տարի՝ 1988-ին, Անթիլիասի տպարանէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հրատարակութեամբ լոյս պիտի տեսնէր Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանի «Հայ Կինը, Ընտանիքը, Երիտասարդը» գիրքը, 117 էջ։
[lxxiii] Ձեռագիր՝ սովորական, քառակուսիներով ցանցուած թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[lxxiv] Պարոյր Աղպաշեան (ծնած է 1945-ին՝ Պէյրութ) – Խմբագիր, հրապարակագիր, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ: Աւարտած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճը եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքը։ 1970-ականներու երկրորդ կէսին եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենադպիրը։ Հայագիտական առարկաներ դասաւանդած է Հայկազեան Գոլէճին, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին եւ լիբանանահայ վարժարաններու մէջ։ 1981-էն սկսեալ շուրջ 20 տարի խմբագրած է Ռ․ Ա․ Կ․ի Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը։
[lxxv] Գրամեքենագրուած եւ բազմացուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Պէպօ Սիմոնեանի անունը լրացուած է ձեռագիրով։ Բնագիր։
[lxxvi] Անդրանիկ Արարատ (Անդրանիկ Նաճարեան, 1922-1991) – Սուրիահայ բանաստեղծ, պատմուածքագիր, խմբագիր, հասարակական գործիչ։
[lxxvii] Ձեռագիր՝ սովորական չորս թուղթի վրայ։ Շարահիւսական անհարթութիւնները բնագիրինն են։ Ինքնագիր։
[lxxviii] Պէպօ Սիմոնեանի զարմուհիներէն Շողիկ Փոլատեան-Մանկրեան։
[lxxix] «Ուրիշներէ» բառը աւելցուած է հետագային՝ 2-րդ էջի ձախ լուսանցքին։
[lxxx] Թէորի – Տեսութիւն (եւրոպական լեզուներ):
[lxxxi] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:
[lxxxii] Վահէ Աջապահեան – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ։ 2010-ականներու կէսէն եղած է «Մասիս» շաբաթաթերթի վարիչ-տնօրէնը։ 2019-ի վերջէն անդամ է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինին։
[lxxxiii] Նամակագիրին ու հասցէատիրոջ հասցէները յաջորդ նամակներուն մէջ նոյնութեամբ կրկնուելուն համար՝ զանց առած ենք զանոնք։
[lxxxiv] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[lxxxv] Զարմանալի է նամակագիրին հաղորդած այս տեղեկութիւնը․ արդարեւ, «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»ի թիւ Զ․, 1994 եւ թիւ Է․-Ը․, 1995-1996 հատորներուն մէջ Պէպօ Սիմոնեանէն որեւէ հրապարակում չկայ․․․
[lxxxvi] «Փողոցներուն» բառը աւելցուած է ձեռագիրով՝ տողին տակը:
[lxxxvii] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[lxxxviii] Վլադիմիր Պետրոսեան (ծնած է 1935-ին՝ գիւղ Հարթաւան, Ապարանի շրջան) – Հայրենի պատմաբան, համալսարանի դասախօս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան գործիչ։ 1970-80-ականներուն կարեւոր պաշտօններ զբաղցուցած է Հայաստանի Կոմկուսի համակարգին մէջ։
[lxxxix] Հատորին վերնագիրը կրող գրախօսականը լոյս տեսած է Ժիրայր Նայիրիի խմբագրած «Նայիրի» պարբերաթերթի 70-րդ՝ 28 Փետրուար 1998 թուակիր համարին մէջ, էջ 5։
[xc] «Էջեր Գրականութիւն եւ Արուեստի» – Պարբերաթերթ-ամսագիր։ Հրատարակիչ՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ։ Լոյս տեսած է 1965-1972 տարիներուն՝ Արմէն Դարեան եւ Գառնիկ Ադդարեան եղբայրներու, Գեղամ Սեւանի եւ այլոց խմբագրութեամբ։
[xci] «Մշակոյթ» – «Պարբերագիրք գրականութեան, արուեստի եւ գիտութեան»։ Լոյս տեսած է 1967-1972-ին՝ Հալէպ, ընդամէնը երեք անգամ (թիւ 2-3՝ 1967, թիւ 4-5՝ 1970, թիւ 6-8՝ 1972)։ Խմբագիր՝ Անդրանիկ Արարատ (Նաճարեան)։
[xcii] Գեղամ Բարսեղեան (1883-1915) – Պոլսահայ գրող, լրագրող, խմբագիր, ուսուցիչ, Մեծ Եղեռնի նահատակ։
[xciii] Հրանդ (Մելքոն Կիւրճեան, 1859-1915) – Պոլսահայ գրող, հրապարակագիր, ուսուցիչ, Մեծ Եղեռնի նահատակ: Իր գրութիւններուն առանցքը Հայաստանի շրջաններէն Պոլիս յայտնուած աղքատ ու անտէր պանդուխտներն են։ Այդ գրութիւններուն մէկ մասը, «Պանդուխտի Կեանքէն» խորագիրի տակ, առանձին գիրքով լոյս տեսած են 1931-ին՝ Փարիզի մէջ։
[xciv] Երուխան (Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, 1870-1915) – Պոլսահայ գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ, Մեծ Եղեռնի նահատակ:
[xcv] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xcvi] Աւելի ծանօթ էր «Արեւելեան Գրատուն» (Librairie Orientale) անունով։ Սեփականութիւնն էր խմբագիր, հասարակական եւ դաշնակցական գործիչ Հրանդ Սամուէլի (1891-1977)։
[xcvii] «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 1971-ի թիւին մէջ (էջ 227-261) լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի «Վերլուծումի եւ գնահատանքի փորձ Հայաստանի երիտասարդական բանաստեղծութեան մասին» ուսումնասիրութիւնը։
[xcviii] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[xcix] Վրէժ/Տէր Ներսէս Ներսէսեան (ծնած է 1948-ին՝ Իրան) – Ուսանած է Կալկաթայի Մարդասիրական Ճեմարանին, Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանին եւ Լոնտոնի Թագաւորական Գոլէճին (King’s College) մէջ: 1975-2011-ին եղած է Բրիտանական Գրադարանի Քրիստոնեայ Միջին Արեւելքի Բաժինի վարիչը։
[c] Շարադրանքն այսպէս խառնափնթոր կամ կիսատ է բնագիրին մէջ։
[ci] «Ամէնէն ձախող» բառազոյգը աւելցուած է ձեռագիրով՝ 2-րդ էջի ձախ լուսանցքին։
[cii] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[ciii] Ձեռագիր՝ Յակոբ Ասատուրեանի անգլերէն կնիքով ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[civ] Հաւանաբար՝ լիբանանահայ գրող, խմբագիր, հասարակական գործիչ, գրահրատարակիչ Արամ Սեփեթճեանն է (1934-2020):
[cv] Ժիրայր Նայիրիի խմբագրած ու հրատարակած «Նայիրի» պարբերաթերթի թիւ 60, 13 Սեպտեմբեր 1997-ի համարի 3-րդ էջին մէջ լոյս տեսած են Պէպօ Սիմոնեանի գրախօսականները Յակոբ Յ․ Ասատուրեանի «Վերջալոյսի Յոյզեր» (Ա․ Մ․ Ն․, 1996) եւ Լեւոն Վարդանի «Հին, Հին Բաներ» (Պէյրութ, 1997) գիրքերուն մասին։
[cvi] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cvii] Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեան։
[cviii] «Եւ հիացող» բառերը գրուած են տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:
[cix] Ճիշդը՝ «քենիիդ դուստրը»։
[cx] Ձեռագիր՝ բացիկի վրայ: Ինքնագիր։ Դարձերեսին եւ անոր կողքի էջին վրայ պատկերուած են շատ փոքր եւ շատ մեծ մէկական ելակ: Դարձերեսի էջին վրայ տպուած են “American Greetings” բառերը, իսկ կողքի էջի մեծ ելակին կեդրոնը՝ “I think of you a lot” արտայայտութիւնը:
[cxi] Դերանուան ճիշդ հոլովն է տրականը՝ «ինծի»:
[cxii] Ձեռագիր՝ Աբգար Ափինեանի հայերէն եւ անգլերէն անունով վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cxiii] Նկատի ունի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականէն ետք Հ․ Հ․ի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնները 1998-ի գարնան։
[cxiv] Աբգար Ափինեան (ծնած է 1960-ին՝ Կիրովական) – Հայրենի գրող, խմբագիր, գրականագէտ, 2011-էն Համահայկական Գրողների Միութեան նախագահ:
[cxv] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային բացիկի վրայ։ Ինքնագիր։
[cxvi] Գրիգոր Բէքմեզեան – Հայրենադարձ մտաւորական։ 1965-էն մինչեւ հաւանաբար 1970-ականներու վերջը աշխատած է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կոմիտէի Կապերու Բաժինի վարիչ։
[cxvii] Տե՛ս յաջորդ նամակին սկիզբը:
[cxviii] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cxix] Սիլվա Սվաճեան-Եահիայեան – Տոքթ․ Ստեփան Սվաճեանի եւ դոկտ․ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանի որդեգիր դուստրը։
[cxx] Փարիզի Օրլի օդակայանը։
[cxxi] Նուպար եւ Անահիտ Դաւիթեաններ – Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան 1922-1974 շրջանի տնօրէն, հաստատութեան հիմնադիր Գարակէօզեան ընտանիքի մերձաւոր ազգական Նուպար Դաւիթեան (1901-2002) եւ տիկինը՝ Անահիտ Պահրի-Դաւիթեան։ Նուպար Դաւիթեան հեղինակած է Հաստատութեան պատմութիւնը երկու հատորով եւ իր ինքնակենսագրութիւնը, որոնք կը մնան անտիպ։
[cxxii] Տուան – Մաքսատուն (ֆրանսերէն):
[cxxiii] Տէր եւ տիկին Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններ 1965-ին իրենց ամուսնութենէն տարիներ ետք բախտաւորուած են առջինեկ զաւակով՝ Տիգրան, որուն յաջորդած է Ռազմիկը։
[cxxiv] Գերսամ Ահարոնեան (1915-1981) – Ռ․ Ա․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, հրապարակագիր, պատմաբան, ուսուցիչ, Ռ․ Ա․ Կ․ի, ԹԷ․ Մ․ Մ․ի եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի ղեկավար գործիչ, 1948-1981-ին՝ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրապետ։
[cxxv] Unique – Եզակի (ֆրանսերէն)։
[cxxvi] Հ․ Խ․ Ս․ Հ․ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահ, Հայաստանի Գրողների Միութեան առաջին քարտուղար Էտուարտ Թոփճեան։
[cxxvii] Հոս գրուած, ապա ջնջուած է «քահանայ» բառը։
[cxxviii] Նկատի ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր ատեն մը ուսանած է Պէպօ Սիմոնեան։
[cxxix] Նիւ Եորքի Գոլումպիա Համալսարանը։
[cxxx] Պահպանուած նամակը անաւարտ է։
[cxxxi] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cxxxii] Պատճէնահանման ժամանակ բաց ձգուած է էջի վերջին տողի սկիզբէն 3-4 բառ:
[cxxxiii] Լէյլա Գարակէօզեան (շուրջ 1910-1999) – Ազգային բարերարուհի։ Եղած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ, 1930-էն մինչեւ մահը՝ իր վաղամեռիկ եղբօր անունով իրենց ծնողներուն հիմնած Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան նախագահը: Իր բարերարութեամբ Պէյրութի մօտակայքի Ֆանարի շրջանին մէջ կառուցուած են ժողովրդային բնակարաններ հայ կարօտեալ ընտանիքներու համար։ Համալիրը իր անունով կոչուած է Լէյլաւան։
[cxxxiv] Հայլայֆ – Բարձրակարգ (անգլերէն)։
[cxxxv] Նկատի ունի Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը։
[cxxxvi] Դոկտոր Վազգէն Բարսեղեան։
[cxxxvii] Նուհա Սալիպի – Անգլերէնի դասախօս, տիկին Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանի գործընկերուհին Պէյրութի Համալսարանական Գոլէճին մէջ։
[cxxxviii] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:
[cxxxix] Լուսին Գալայճեան-Ճերեճեան – Պէպօ Սիմոնեանի քոյրը։
[cxl] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cxli] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Անգլերէն հատուածը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[cxlii] Նկատի ունի Պէյրութի արեւմտեան հատուածը, որ արեւելեանէն բաժնուած էր նախորդ տարի սկսած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։
[cxliii] Corridor – Նրբանցք (անգլերէն)։
[cxliv] Contrat – Պայմանագիր (ֆրանսերէն)։
[cxlv] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cxlvi] Discipliné – Կարգապահ (ֆրանսերէն)։
[cxlvii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cxlviii] Արուսենք – Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանի Արուսեակ Սաչեան-Պաղսարեանի եւ անոր ամուսին Արամ Պաղսարեանի ընտանիքը։ Լիբանանէն գաղթած են Աւստրալիա։
[cxlix] Արամ – Պէպօ Սիմոնեանի քենեկալին եղբայրը, Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեանի Մարի Սաչեան-Չիլինկիրեան (Հերոս Մարի) քրոջ տագրը։
[cl] Ժագ Մորիս Քիւվ տը Միւրվիլ (1907-1999) – Ֆրանսացի դիւանագէտ, քաղաքական եւ պետական գործիչ։ Եղած է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի անդամ, նախարար, կարճ շրջան մը՝ վարչապետ։ Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահի հանգամանքով, 1970-ականներու երկրորդ կէսին բազմաթիւ անգամ այցելած է Լիբանան՝ իրարու դէմ զէնք վերցուցած լիբանանեան կողմերը հաշտեցնելու համար, սակայն ձախողած է իր առաքելութեան մէջ։
[cli] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Անգլերէն քառատողը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[clii] Նամակին շարունակութիւնը կը բացակայի։
[cliii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cliv] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Անգլերէն երկտողը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[clv] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Անգլերէն հատուածը, բացի սկիզբի բառազոյգէն եւ Պէպոյի որդիներու անուններէն, տպագիր է։ Ինքնագիր։
[clvi] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։ Նամակը ուղղուած է այդ օրերուն Խորհրդային Հայաստան գտնուող Պէպօ Սիմոնեանին։
[clvii] «Երիտասարդ Հայուհի» – Հայ իգական սեռի համար նախատեսուած պարբերական։ Լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ՝ երկու շրջանով՝ 1932-ի Հոկտեմբերէն 1934-ի Փետրուար եւ 1947-ի Օգոստոսէն մինչեւ 1968-ի աւարտը։ Հիմնադիր, խմբագիր եւ հրատարակիչ՝ գրագիտուհի, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Սիրան Զարիֆեան (Սեզա, 1903-1973)։ Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեան 1966-ի Մարտէն սկսեալ մինչեւ պարբերականին դադարը աշխատակցած է անոր։
[clviii] Զարթուհի Չիլինկիրեան-Գապաքեան – Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանի Մարի Սաչեան-Չիլինկիրեան քրոջ դուստրը։
[clix] Նամակի հեղինակման օրերէն քանի մը օր առաջ՝ 27 Օգոստոս 1987-ին, դաշնակցական զինեալներ սպանած էին 1964-ին ծնած հնչակեան երիտասարդ Արա Ա․ Պէշպուչաքեանը, ինչը խոր ընդվզում յառաջացուցած էր լիբանանահայութեան, մասնաւորաբար հնչակեան շրջանակներուն մէջ։
[clx] Գրիգոր Թաթուլեան (ծնած է 1963-ին՝ Պէյրութ) – Հասարակական գործիչ։ Յաճախած է Հայ Աւետարանական Գոլէճ, ապա` Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճ։ Աւարտած է Հայկական Պետական Մանկավարժական Հիմնարկի Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան Բաժանմունքը (Երեւան)։ Պէյրութի ու Մոնրէալի մէջ ստանձնած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի, Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի եւ Հ․ Մ․ Մ․ի սկաուտական խումբի պատասխանատու պաշտօններ։ 1995-2006-ին վարած է Արեւելեան Ա․ Մ․ Ն․ի էջմիածնական թեմի Հայ Օգնութեան Ֆոնտի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէնի պաշտօնը։ Այժմ կ’ապրի Մոնրէալ՝ Գանատա։
[clxi] Նկատի ունի Լիբանանի մէջ Հ․ Յ․ Դ․ի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» եւ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի պաշտօնաթերթ «Արարատ» օրաթերթերը։ Հայաստանի Ազգային Գրադարանին մէջ յիշեալ երկու օրաթերթերու 1987-ի հաւաքածոներու չգոյութեան պատճառով, չկրցանք այդ հաղորդագրութեան բովանդակութեան վերահասու ըլլալ․․․ «Արարատ»ի խմբագիր Նազօ Ճերեճեան, յետ ստուգման, մեզի յայտնեց, թէ թերթին մէջ այդպիսի բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն լոյս չէ տեսած։
[clxii] Գնէլ արք․ Ճերեճեան։
[clxiii] Լենա Թաշճեան-Մանուկեանը եղած է Պէպօ Սիմոնեանի աշակերտուհին։ Գաղթելով Լոս Անճելոս, 2010-ական թուականներուն ղեկավարած է «Մասիս» շաբաթաթերթի վարչական բաժինը։ 2019-ի վերջէն անդամ է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինին։
[clxiv] Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահի տեղակալ Սպարտակ Բաղդասարեան։
[clxv] Շատ հաւանաբար, Պէյրութ-Երեւան «Սարդարապատ» ճամբորդական գրասենեակի տէր եւ տնօրէն Յակոբ Կեպենլեան։
[clxvi] Մաքրուհի Երկանեանը երկար տարիներ հայոց լեզուի ուսուցչուհի եղած է լիբանանահայ վարժարաններու մէջ։
[clxvii] Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեան – Լիբանանահայ դպրոցներու հայոց լեզուի ուսուցչուհի, հրապարակագիր։ Բարձրագոյն կրթութիւնն ստացած է Երեւանի մէջ։
[clxviii] Նազելի Թոքճեան-Մանուկեան – Տէր Աբէլ քահանայ Մանուկեանի երիցուհին։
[clxix] Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունքի շրջանաւարտ Յակոբ Կէրկէրեան։ Նամակի հեղինակման յաջորդ օրերուն ան նշուած բաժանմունքի 2-րդ տարուան ուսանող պիտի դառնար։
[clxx] Անժել – Հաւանաբար Անժել Կիտուր-Կուժունին է։
[clxxi] Նկատի ունի 1887-ին Ժնեւի մէջ հիմնուած Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 100-ամեակը։
[clxxii] Գրիգոր Թաթուլեան։
[clxxiii] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Հեղինակը Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանն է։ Անգլերէն հատուածը տպագիր է բացի սկիզբի բառազոյգէն, գլխագրուած տողը նախորդող տողէն եւ գլխագրուած տողին յաջորդող բառերէն։ Ինքնագիր։
[clxxiv] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Անգլերէն հատուածը տպագիր է։ Հեղինակը տիկին Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանն է։ Ինքնագիր։
[clxxv] Նամակին շարունակութիւնը կը բացակայի։
[clxxvi] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Հեղինակը Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանն է։ Անգլերէն հատուածը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[clxxvii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Հեղինակը Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեանն է։ Ինքնագիր։
[clxxviii] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Անգլերէն հատուածը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[clxxix] Ձեռագիր՝ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Անգլերէն քառատողը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[clxxx] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[clxxxi] Ճիշդ հոլովումն է՝ Աբգարեանը։
[clxxxii] Ճիշդ բայն է՝ «են»։
[clxxxiii] Նամակի բովանդակութենէն կ’եզրակացուի, թէ նամակագիրը Վարդուհի Գալեմտէրեան-Գազանճեանն է՝ տոքթ․ Արշակ Գազանճեանի տիկինը։
[clxxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական չորս թուղթի եօթը էջերու վրայ։ Ինքնագիր։
[clxxxv] «Ուսանող» – Սահակեան Լիսէի, ապա Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի պարբերական հրատարակութիւն։ Սկսած է լոյս տեսնել 1948-ին։ Խմբագիրներ՝ տնօրէններ Բենիամին Ժամկոչեան, ապա Պէպօ Սիմոնեան։
[clxxxvi] Երկաթէ Կամուրջ – Երկաթուղիի կամուրջ Պէյրութի Նոր Հաճըն եւ Ռըմէյլ թաղամասերը Մար Մխայէլ թաղամասին միացնող Արմենիա պողոտային վրայ։ Անխնամ պահուելու պատճառով, 2020-ականներու սկիզբին փլուզուեցաւ՝ բարեբախտաբար առանց մարդկային զոհերու․․․
[clxxxvii] Հաւանաբար նկատի ունի Արամ Պուլղուրճեանը, որ Գոլէճին տնօրէնութիւնը վարեց ընդամէնը մէկ ուսումնական տարեշրջան՝ 1974-1975-ին
[clxxxviii] Բ․ Ժամկոչեանը յոյժ վրդոված էր իր տասնամեակներու տնօրէնութեանը ակնթարթի մը մէջ վերջ տալու համար։ Այդ կը վկայէ անոր 3 Յունուար 1975 թուակիր նամակը Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին։
[clxxxix] Կիրակոս Տօնիկեան (1900-1972) – Տպարանատէր, գրահրատարակիչ։ 1920-ին Ատանայի մէջ բացած է իր անունով ծանօթ գրատունը, 1929-ին՝ Պէյրութի մէջ՝ տպարանը։ Իր ողջութեան, տպարանին գործը ստանձնած էր որդին՝ Փարամազը եւ տպարանը վերանուանուած՝ տպարան «Կ․ Տօնիկեան եւ որդիք»։
[cxc] Սահակեան Վարժարանէն քանի մը հարիւր մեթր անդին կը գտնուէր գաղթական հայոց Պէյրութի հիւղաւանը, ժողովրդային արտայայտութեամբ «Ատանացիներու քեմփը»։ Լիբանանի գաղութատէր ֆրանսական իշխանութիւնները քանի մը անգամ փորձած էին տեղահանել բնակիչները եւ վայրը ազատել վրաններէ։ Ապարդիւն։ Եւ ահա՛, 30 Յունուար 1933-ի գիշերը ծագած հրդեհը կամ դիտաւորեալ հրկիզումը բոցերու մէջ լափած է մօտաւորապէս 800 թիթեղածածկ եւ փայտէ տուն՝ անտուն ձգելով հազարաւոր հայ գաղթականներ։
[cxci] Ռուբէն Երկաթ – Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Հաճընի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, Հաճընի 1920-ի Ինքնապաշտպանութեան Կոմիտէի անդամ, 1920-30-ականներուն՝ Լիբանանի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան անդամ-խորհրդական։
[cxcii] Գրիգոր Գէոզալեան – Հնչակեան գործիչ։ Աւելի յայտնի է Գ․ Մ․ Գեղունի եւ Գրիգոր Մ․ Գեղունի անուններով։
[cxciii] Գրիգոր Հաճընլեան (1899-1974) – Հնչակեան եւ հասարակական գործիչ։ Երկար տարիներ եղած է Սահակեան Վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ, «Արարատ» օրաթերթի 1937-ին հիմնադրման օրէն տասնամեակներ՝ թերթին արտօնատէրը։
[cxciv] 1929-1940-ին Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ, 28 Սեպտեմբեր 1940-էն մինչեւ վախճանումը՝ կաթողիկոսական տեղապահ Եղիշէ արք․ Կարոյեան (1873-1943):
[cxcv] Պօղոս Նաճարեան (1904-1981) – Լիբանանահայ յանձնակատար-գործարար, հասարակական գործիչ, բարերար: Իր նուիրատուութեամբ կառուցուած է Պուրճ Համմուտի Նոր Ատանա թաղի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին։
[cxcvi] Սէն Ժորժ – Պէյրութի ծովափի հռչակաւոր պանդոկներէն։
[cxcvii] Ռուբէն Սեւակի անուան մատենադարանը կազմուեցաւ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճին մէջ՝ Ռուբէն Սեւակի եղբօրորդի, Ֆրանսայի Նիս քաղաքը բնակող Յովհաննէս Չիլինկիրեանի հովանաւորութեամբ։
[cxcviii] Մաքրուհի Թաթուլեան-Խաչատուրեան (1924-2024) – Լիբանանահայ կրթական եւ հասարակական գործիչ։ Պատանի հասակին անդամակցած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ին։ 1988-1993-ին եղած է Ազգ․ Ռուբինեան Վարժարանի տնօրէնուհին։
[cxcix] Բառը այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ: Հաւանաբար պէտք է ըլլայ՝ «ամենաչար»։
[cc] Մար Մխայէլ – Պէյրութի հիւսիսային թաղամասերէն։ Դրացի է հայաշատ Նոր Հաճըն եւ Ռըմէյլ թաղամասերուն՝ ինք ալ ունենալով զգալի տոկոսով հայ բնակչութիւն, խանութներու եւ այլ եկամտաբար ու գործարար տարածքներու սեփականատէր հայեր։
[cci] Փակագիծերու մէջ մէկ անընթեռնելի բառ, որ կը կարդացուի «(Զարթոնելի)»՝ անիմաստ բառ մը։
[ccii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cciii] Փարամազ Տօնիկեան:
[cciv] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։
[ccv] Նկատի ունի «Կ․ Տօնիկեան եւ որդիք» հրատարակչատան ծիրին մէջ գտնուող գրատունը Մար Մխայէլ թաղամասին մէջ։
[ccvi] Եղիա Նաճարեան (1934-2008) – Հրապարակագիր, խմբագիր, արաբագէտ, Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ։ 1948-1953-ին ուսանած է Կիլիկիոյ կԿաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, 1953-1958-ին աշխատած է Պէյրութի «Այգ» օրաթերթի խմբագրութեան մէջ։ Փախուստ տալով դաշնակցականներու հաւանական հաշուեյարդարէն, 1958-ին հաստատուած է Երեւան, ուսանած Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, ապա աշխատած Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Հիմնարկին մէջ։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Հայաստանի Վարիչ Մարմինի առաջին ատենապետը, «Փիւնիկ» եւ «Հնչակ Հայաստանի» թերթերու խմբագիր-հրատարակիչը, 1991-1999-ին՝ Հ․ Հ․ի Գերագոյն Խորհուրդի/Ազգային Ժողովի պատգամաւոր։ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի՝ 27-30 Հոկտեմբեր 1995-ին Երեւանի մէջ կայացած 16-րդ համագումարին ընտրուած է կուսակցութեան երեք փոխնախագահներէն մէկը՝ Հերրի Տրամերեանի եւ Վազգէն Գասեմճեանի հետ։
[ccvii] Կիրակոս Տօնիկեան։
[ccviii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccix] «Հայրենիքի Ձայն»ի թիւ 7 (1071), 12 Փետրուար 1986-ի թիւի 7-րդ էջին մէջ հրապարակուած է «Լոյս է տեսել սփիւռքում – Բանաստեղծի հատընտիրը» վերնագիրով լրատուութիւնը Պէպօ Սիմոնեանի կազմած եւ «Կ․ Տօնիկեան եւ որդիք» տպարանէն լոյս աշխարհ եկած «Վահան Տէրեան» ժողովածուին մասին։
[ccx] Սեւտա Սեւան (Ֆրանսուհի Պախչէճեան, 1945-2009) – Բանաստեղծուհի, վիպագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հ․ Հ․ի առաջին դեսպանը Պուլկարիոյ Հանրապետութեան մէջ։
[ccxi] Վրպան Սթամաթով (1924-1998) – Պուլկարացի անուանի վիպագիր, հրապարակագիր, խմբագիր։
[ccxii] «Երեւան» – Պուլկարահայ «Երեւան» Մշակութային Կազմակերպութեան շաբաթաթերթ։ Սկսած է լոյս տեսնել 1944-ի աշնան։ 1990-ականներու սկիզբին փոխուած կարգավիճակով եւ անկէ ետք ընդհատումներով գոյատեւած է մինչեւ 2010, երբ դադրած է։
[ccxiii] Սոֆիայի «Երեւան» շաբաթաթերթի խմբագիր Կարօ Հայրապետեան։
[ccxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxv] «Կանչ» – Հիմնադրութեան օրէն՝ 4 Յունիս 1925-էն մինչեւ 1990-ի Օգոստոսի վերջը կը կոչուէր «Պիոներ Կանչ»։ «Հայաստանի մանկա-պատանեկան պարբերական»։ Լոյս տեսած է 1990-2017 թուականներուն՝ Երեւանի մէջ։
[ccxvi] Արտայայտութիւնը վերցուած է Միսաք Մեծարենցի «Սիրերգ» բանաստեղծութեան «Այս գիշեր տօն է, հոգւոյս Կիրակի» տողէն։
[ccxvii] Սարօ Գէոդակեան (1951-2019) – Բանաստեղծ, հրապարակագիր, խմբագիր: 1999-ին գաղթած է Լոս Անճելոս, ուր խմբագրած ու հրատարակած է «Համայնապատկեր» ամսագիրը եւ «Հորիզոն» գունաւոր պարբերականը։
[ccxviii] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային բացիկի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxix] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxx] Սալբի Գասպարեան – Հալէպահայ լրագրողուհի, ուսուցչուհի, թարգմանչուհի։
[ccxxi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxxii] Կարօ Մածունեան – Լիբանանահայ երգիչ։
[ccxxiii] Տե՛ս «Կանչ», թիւ 15 (5688), 15 Ապրիլ 1992, էջ 4։ Հրատարակուած է «Սփիւռք – Գրական էջ» խորագիրի տակ։ Տպուած է նաեւ Պէպօ Սիմոնեանի լուսանկարը։
[ccxxiv] «Մայրենի» – «Հ․ Հ․ի Լուսաւորութեան Նախարարութեան ուսումնամեթոդական հանդէս»։ Հիմնադրման օրէն՝ 1966-էն մինչեւ 1990 լոյս տեսած է «Հայոց Լեզուն Եւ Գրականութիւնը Դպրոցում» անունով։
[ccxxv] Սարգիս Կիրակոսեան (1950-2015) – Հալէպահայ, ապա լիբանանահայ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, հասարակական եւ կրթական գործիչ։
[ccxxvi] Պօղոս Սնապեան (1927-2014) – Լիբանանահայ գրող, գրականագէտ, ուսուցիչ, խմբագիր։ 1957-ին եւ 1959-ին կազմած, խմբագրած ու հրատարակած է «Միջնաբերդ» տարեգիրքը, 1962-էն 1971՝ «Բագին» գրական ամսագիրի օգնական, 1971-2003՝ միանձնեայ խմբագիր, 2007-2014՝ «Ազդակ Գրական – Ազդակ Արուեստի» ամսաթերթի խմբագիր։
[ccxxvii] Թորոս Թորանեան։
[ccxxviii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxxix] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxxx] Սոնա Գէոդակեան:
[ccxxxi] Հրաչ Այնթապլեան (ծնած է 1973-ին՝ Պէյրութ) – Լիբանանահայ գեղանկարիչ։ Աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստի Հիմնարկի գեղանկարչութեան բաժանմունքը։
[ccxxxii] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxxxiii] Գէորգ Էմին (Կարլեն Մուրատեան, 1919-1998) – Հայրենի բանաստեղծ, թարգմանիչ:
[ccxxxiv] Ձեռագիր՝ խորհրդային զբօսաշրջային «Ինթուրիսթ» գործակալութեան նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxxxv] Ձեռագիր՝ նամակային տոմսի վրայ, որուն մէկ կողմը տպուած է գեղանկար՝ Մասիսներու հեռապատկերով Արարատեան դաշտը։ Ինքնագիր։
[ccxxxvi] Նամակին այս հատուածը գրուած է գեղանկարին տակի ազատ տարածութեան մէջ։
[ccxxxvii] Գէորգ Էմինի «Անպատասխան Հարցը» բանաստեղծութեան վերջին տունի տողերն են:
[ccxxxviii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxxxix] «Բանբեր» – Կրօնական ամսաթերթ։ Հրատարակութիւն Ֆրանսահայ Աւետարանական Միութեան։ Լոյս կը տեսնէ Լիոնի մէջ (Ֆրանսա)։ 1976-էն առ այսօր խմբագիրն է Արի Թօփուզխանեանը։
[ccxl] «Բանբեր»ի յիշեալ թիւի 23-րդ էջին մէջ, «Շահեկան գիրքեր» վերնագիրին տակ տպուած են տեղեկութիւններ խմբագրութեան ստացած հրատարակութեանց մասին։ Անոնց շարքին է Պ․ Սիմոնեանի «Ծառին Ճիչը» գիրքը, որու բովանդակութեան էութիւնը քանի մը տողով ներկայացնելէ ետք տպուած է հեղինակին, աւելի ստոյգ՝ անոր տիկնոջ նամակային հասցէն։
[ccxli] Ձեռագիր՝ նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxlii] Այսպէս՝ արեւմտահայերէն է բնագիրին մէջ։
[ccxliii] Գրիգոր Գույումճեան (1937-2012) – Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս, աղբիւրագէտ, հասարակական գործիչ: Պատանի տարիքին ընտանիքին հետ հայրենադարձած է։ Աշխատած է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին մէջ՝ աւագ խորհրդականի պաշտօնով։
[ccxliv] Ձեռագիր՝ անգլիական նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxlv] Մարտիրոս Գուշագճեան (1927-1999) – Պատմաբան, հասարակական գործիչ, բառարանագիր, ուսուցիչ, խմբագիր:
[ccxlvi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxlvii] Ձեռագիր՝ աւստրիական նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxlviii] Մեսրոպ ծ․ վրդ․ Գրիգորեան (բուն մականունով՝ Եումուրթաճեան, 1932-2019) – Հետագային արքեպիսկոպոս։ Մինչեւ 1950-ականներու վերջը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ապա Մայր Աթոռի միաբան, պատմագիտութեան դոկտոր, ուսուցիչ, դասախօս, 1964-1978-ին՝ Յունաստանի էջմիածնական թեմի հոգեւոր հովիւ, 1980-2011-ին՝ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակ:
[ccxlix] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Օտարատառ բառերը տպագիր են։ Ինքնագիր։
[ccl] Ձեռագիր՝ սովորական, քառակուսիներով ցանցուած թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccli] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Չարենցեան հատուածը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[cclii] Պէպօ Սիմոնեան, «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. Համագումարի Սեմին», տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 1966, 108 էջ։
[ccliii] Հայաստանի Գրողների Միութեան Ե․ համագումարը կայացած է 17-19 Նոյեմբեր 1966-ին՝ Երեւանի մէջ։
[ccliv] Դեւ (Մարգար Ղարաբեկեան, 1901-1976) – Իրանահայ բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ: Իր բանաստեղծութիւններէն ոմանք երգի վերածուած են երաժշտահան Նիկոլ Գալանտէրեանի յօրինումներով
[cclv] Ձեռագիր՝ Իրանի քարտէսով եւ Մուհամմետ Ռեզա Փահլաւի շահի լուսանկարով իրանական նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclvi] «Իրանահայ Արդի Գրողներ», հրատարակութիւն Իրանահայ Գրողների Միութեան, Թեհրան, տպարան «Մոդերն», 1964, 516 էջ։ Կազմող-խմբագիրներ՝ Արմանտ, Ռուբէն Բէն, Դեւ։
[cclvii] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclviii] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclix] Ճիշդը՝ Պուրճ Համմուտ:
[cclx] Ձեռագիր՝ Արմենակ Եղիայեանի ֆրանսերէն եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxi] Արմենակ Եղիայեան (ծնած է 1939-ին՝ Պուրճ Համմուտ) – Լիբանանահայ հրապարակագիր, լեզուագէտ, խմբագիր։ Մասնագիտութեամբ՝ ատամնաբուժ:
[cclxii] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxiii] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxiv] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxvi] Խօսքը կը վերաբերի պարզապէս «Զահրատ» խորագրուած գրքոյկին, «Ժամանակակից Սփիւռքահայ Բանաստեղծութեան» մատենաշար, Փարիզ-Պէյրութ, տպարան «Մեսրոպ», 1971, 62 էջ:
[cclxvii] Պարոյր Սեւակ, «Եղիցի Լոյս», տպարան «Սեւան», Պէյրութ, 1971, 298 էջ։
[cclxviii] Ձեռագիր՝ թրքական նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxix] Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան, 1924-2007) – Պոլսահայ բանաստեղծ։
[cclxx] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxi] Շնորհաւորական տպագիր բացիկ։
[cclxxii] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cclxxiv] Ձեռագիր՝ իտալական նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxv] Հ․ Լեւոն Զէքիեան (ծնած է 1943-ին՝ Սթամպուլ) – Հետագային՝ արքեպիսկոպոս, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, հայագէտ, փիլիսոփայութեան դոկտոր, Հ․ Հ․ի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, խմբագիր։ 1976-2011-ին՝ Վենետիկի Պետական Համալսարանի Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան Ամպիոնի վարիչ։ Հիմնադիրն է Վենետիկի Քա Ֆոսքարի Համալսարանի Հայագիտութեան Ամպիոնին։ 2015-էն 10 Հոկտեմբեր 2024՝ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց առաքելական կառավարիչ: Ներկայիս հանգստեան կոչուած է։
[cclxxvi] Ձեռագիր՝ ֆրանսական նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxvii] Պսակ Քհնյ. Էթարեան (1919-1978) – 1975-էն՝ աւագ քահանայ։ Քահանայ օծումէն մինչեւ վախճանման օրը (7 Մարտ 1954 – 9 Յունիս 1978) եղած է Պէյրութի՝ հնչակեան ազդեցութեան տակ գտնուող Խալիլ Պետեւի (Ռըմէյլ) թաղի Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Զուգահեռաբար, 20 տարի հայոց պատմութիւն եւ կրօնք դասաւանդած է Լիբանանի հայկական դպրոցներուն մէջ։
[cclxxviii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու, փոքր թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxix] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxx] Թուանշանը չէ գրուած բնագիրին մէջ:
[cclxxxi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxxii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxxiii] Նամակագիրը նկատի ունի Լիբանանի 1975-1991-ի քաղաքացիական պատերազմը:
[cclxxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cclxxxv] Նկատի ունի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը։
[cclxxxvi] Տոքթ․ Համբարձում Քեքլիքեան (1899-1983) – Ծնած է Հաճըն։ Ամերիկահայ համբաւաւոր ոսկրաբուժ-վիրաբուժ, հրապարակագիր։
[cclxxxvii] Միսաք Թաթուլեան – Հետագային՝ Տէր Տաթեւ քահանայ Թաթուլեան։
[cclxxxviii] Ակիւլինէ Թաթուլեան – Մասնակցած է Հաճընի 1920-ի ինքնապաշտպանական հերոսամարտին եւ վիրաւորուած։ Նամակագիրը զայն՝ իր սկեսուրը իբրեւ իր մայրը ներկայացուցած է նամակին մէջ։
[cclxxxix] Արաքսի Գոփուշեան-Թաթուլեան – Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եռանդուն անդամներէն Լիբանանի եւ Ա․ Մ․ Ն․ի մէջ։ Հետագային՝ Տէր Տաթեւ քահանայ Թաթուլեանի երէցկինը։
[ccxc] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Անգլերէն հատուածը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[ccxci] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccxcii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Յետգրութեանը ձեռագիր է։ Բնագիր։
[ccxciii] «Ռուբէն Սեւակ – Երկեր», «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1985, 478 էջ։ Կազմող եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Ալեքսանդր Թոփճեան։
[ccxciv] Էտուարտ Ջրբաշեան։
[ccxcv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Դարձերեսի յետգրութեանը ձեռագիր է։ Ինքնագիր։
[ccxcvi] «Գարուն» ամսագիրի մինչեւ 1986-ի վերջի թիւերուն մէջ այդպիսի հրապարակում չկայ։
[ccxcvii] Յովհաննէս Գրիգորեան (1945-2013) – Հայրենի բանաստեղծ, խմբագիր, թարգմանիչ:
[ccxcviii] Արտեմ Յարութիւնեան (ծնած է 1945-ին՝ Ստեփանակերտ) – Հայրենի բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր:
[ccxcix] Յովհաննէս Գրիգորեան, «Դանդաղ Ժամեր», «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1986, 184 էջ․ Արտեմ Յարութիւնեան, «Շեմ», «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1984, 144 էջ (երկուքն ալ՝ տաղարան):
[ccc] Պէպօ Սիմոնեան, «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. Համագումարի Սեմին», տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 1966, 108 էջ։
[ccci] Խորհրդային տարիներուն, մասնաւորաբար 1964-ի Յունիսին Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի հիմնումէն ետք կար խստագոյն հրահանգ, որ սփիւռքի հետ մշակութային բնոյթի բոլոր յարաբերութիւնները պէտք է կատարուէին յիշեալ Կոմիտէին միջոցով։ Հրահանգը շրջանցողները կը պատժուէին․․․
[cccii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ստորագրութեան նախորդող բառազոյգը եւ 2-րդ էջի դարձերեսի յետգրութեանը ձեռագիր են։ Բնագիր։
[ccciii] Այդ տարիներուն Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկի ուսանող, վերջին տարիներուն՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ/Համբարձում Տիգրանի Սարաֆեան։
[ccciv] Գրիգոր Պըլտեան (ծնած է 1945-ին՝ Պէյրութ) – Բանաստեղծ, արձակագիր, ֆրանսական մամուլի աշխատակից, գրականագէտ, փիլիսոփայութեան դոկտոր, Սորպոնի Համալսարանի, Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու Հիմնարկի եւ Լիոնի Աստուածաբանական Համալսարանի դասախօս։ 1967-ին հաստատուած է Փարիզ։
[cccv] Նամակագիրը շփոթած է ամիսը։ «Յառաջ»ի 61-րդ տարի, թիւ 16349, 2 Նոյեմբեր 1986 թուակիր համարը թերթի «Միտք Եւ Արուեստ» ամսական յաւելուածն է։ Անոր 1-3-րդ էջերուն մէջ լոյս տեսած է Գրիգոր Պըլտեանի «Ռ․ Սեւակի Խոստումները» գրախօսութիւնը նամակին մէջ յիշուած զոյգ հատորներուն մասին։
[cccvi] Գրամեքենագրուած՝ Բենիամին Ժամկոչեանի վերտառութեամբ միայն ֆրանսերէն ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cccvii] Գրամեքենագրուած՝ Բենիամին Ժամկոչեանի վերտառութեամբ հայերէն եւ ֆրանսերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cccviii] Ձեռագիր՝ Բենիամին Ժամկոչեանի վերտառութեամբ միայն ֆրանսերէն ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccix] Գագիկ Օզանեան (1882-1915) – Մանկավարժ, խմբագիր, գրող, մամուլի աշխատակից, ազատագրական պայքարի հնչակեան մարտիկ: Զօրավար Անդրանիկի հօրեղբօրորդին է։ 1909-ին կազմակերպած է ծննդավայրի՝ Շապին Գարահիսարի ինքնապաշտպանութիւնը։ Նահատակուած է 1915-ի Ապրիլին՝ Սեբաստիոյ մէջ։
[cccx] Ձեռագիր՝ Լոնտոնի Սէյնթ Ժիլ պանդոկի վերտառութեամբ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxi] Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան անդամ, Վահէ-Վահեանի Շաքէ Ապտալեան դստեր ամուսին Գրիգոր Ճերեճեանն է։
[cccxii] Թագուհի Ինկիլիզեան։
[cccxiii] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «եղաւ»։
[cccxiv] Շարահիւսութիւնն այսպէս անհարթ է բնագիրին մէջ։
[cccxv] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:
[cccxvi] Վարդան Ինկիլիզեան – Ճարտարապետ։ 1970-ականներուն հաստատուած է Ապու Տապի, ուր հիմնած է գաղութի առաջին դպրոցը՝ կիրակի օրերը հայկական նիւթեր հաղորդելով տեղի հայ նոր սերունդին։ Անդամակցած է Ապու Տապիի գաղութի 1979-ին առաջին անգամ կազմուած Ազգային Վարչութեան։
[cccxvii] Ձեռագիր՝ Լոնտոնի Սէյնթ Ժիլ պանդոկի անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ, որուն ամենէն վերի աջ անկիւնը տպուած է՝ “Guest Paper”։
[cccxviii] Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դրամանիշը։
[cccxix] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:
[cccxx] Օշական վրդ․ Չոլոյեան (ծնած է 1946-ին՝ Հալէպ) – Հետագային՝ արքեպիսկոպոս։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամ։ Եղած է Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմի առաջին առաջնորդը։
[cccxxi] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «գործօն»:
[cccxxii] Նամակի բովանդակութենէն կ’եզրակացուի, թէ նամակագիրը Վարդան Ինկիլիզեանն է։
[cccxxiii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxxiv] Զօրա Իսկենտէրեան – Մուսալեռցի հնչակեան գործիչ։ Մուսա Լեռան ազգագրութենէն եւ բանահիւսութենէն քաղուած նիւթերով բեղուն աշխատակցութիւն բերած է «Արարատ» օրաթերթին։ Հեղինակն է «Յուշեր Պատմութեան Համար» հատորին (տպարան «Սեւան», Պէյրութ, 1974, 224 էջ)։
[cccxxv] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxxvi] Յաբեթ Իսկենտէրեան (1893-1922) – Մուսալեռցի հնչակեան մարտիկ, բանաստեղծ, ուսուցիչ, խմբագիր: Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճին մէջ ուսանելու տարիներուն հիմահիմնադիրներէն կ’ըլլայ տեղւոյն Հնչակեան Ուսանողական Միութեան եւ Սուէտահայ Ուսանողական Միութեան։ Կը մասնակցի Մուսա Լեռան ինքնապաշտպանութեան եւ Հայկական Լեգէոնին։ 9 Ապրիլ 1922-ին ծննդավայր Հաճի Հապիպլի գիւղի սեփական պարտէզին մէջ զոհ կ’երթայ եղբայրասպան գնդակի․․․
[cccxxvii] Յաբեթ Իսկենտէրեան, «Քերթուածներ Եւ Արձակ Էջեր», տպարան «Կ․ Տօնիկեան», Պէյրութ, 1959, 211 էջ։
[cccxxviii] Միհրան Սեֆերեան, «Դրուագներ Սուէտիոյ Անցեալէն», «Արարատ»ի մատենաշար թիւ 45, տպարան «Արարատ» օրաթերթի, Պէյրութ, 1957, 356 էջ։
[cccxxix] Միհրան Սեֆերեան աւագ (1902-1964) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի, կրթական եւ հասարակական գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր, ուսուցիչ: Եղած է Լիբանանահայ Ուսուցչական Միութեան հիմնադիրներէն եւ շրջան մը՝ անոր վարչութեան ատենապետը։ 1950-1962-ին վարած է Զահլէի Ազգային Պալըգճեան Վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Բեղուն աշխատակցութիւն բերած է հնչակեան մամուլին՝ յաճախ ծածկանուններով։
[cccxxx] Արսէն Կիտուր (1888-1976) – Հնչակեան ղեկավար գործիչ, խմբագիր, ուսուցիչ, պատմաբան: Աւարտած է Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը։ Եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը Միջագետքի մէջ։ Գործած է Իրաքի, Հալէպի, 1930-ականներէն՝ Պէյրութի մէջ։ Հիմնադիրներէն է «Արարատ» օրաթերթին ու անոր առաջին խմբագրապետը 1937-էն 1957՝ ընդմիջումներով։ 1938-1940-ին վարած է Հալէպի Կիլիկեան, 1940-1942-ին՝ Զահլէի Ազգային Պալըգճեան վարժարաններուն տնօրէնութիւնը։ Հեղինակն է ութ գիրքերու, որոնց շարքին՝ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի պատմութեան երկհատորեակին (տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 1962 եւ 1963, 616 եւ 640 էջ)։
[cccxxxi] Ճիշդ հնչումով՝ Շաքլաուա – Քաղաք Իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլի նահանգին մէջ։
[cccxxxii] Ձեռագիր՝ Հայկազեան Գոլէճի անգլերէն անուան վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxxxiii] Լեւոն Վարդան անդամ էր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի խմբագրութեան։ Հոս խօսքը կը վերաբերի Պէպօ Սիմոնեանի «Փարիզի «Մենք»ին տեղը սփիւռքահայ գրական մամուլի պատմութեան մէջ» յօդուածին, որ լոյս տեսաւ ամիսներ ետք՝ «Հ․ Հ․ Հ․»ի ԺԲ․ հատորին մէջ, Պէյրութ, 1992, էջ 209-226։
[cccxxxiv] Լեւոն Վարդան (Պետիրեան, 1925-1999) – Բանաստեղծ, հրապարակագիր, խմբագիր, գրականագէտ, պատմաբան, ուսուցիչ: Դասաւանդած է Լիբանանի հայկական եւ օտար վարժարաններու մէջ։ Մաս կազմած է գրական պարբերականներու եւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի խմբագրութեանց։ Պատմագիտական արժէքաւոր գիրքերու հեղինակ է։ Կազմած է «Հարկերը Օսմանեան Եւ Պարսկական Կայսրութեանց Մէջ, ԺԵ․-Ի․ Դար» կոթողային բառարանը, որու երկու հատորները լոյս տեսած են յետմահու՝ Երեւանի մէջ՝ 2004 եւ 2012 թուականներուն։
[cccxxxv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxxxvi] Հ․ Անդրանիկ վրդ․ Կռանեան (1929-2017) – Հետագային՝ ծայրագոյն վարդապետ, Արծիւեան պատրիարքական միաբանութեան անդամ, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի խմբագիր, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Մասիս» պարբերաթերթի 1973-1998 շրջանի եւ այլ պարբերականներու խմբագիր, բառարանագիր, հրապարակագիր, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ:
[cccxxxvii] Մէկ անընթեռնելի բառ։
[cccxxxviii] Փարիզի «Մենք» հանդէսն է։
[cccxxxix] Երկու անընթեռնելի բառ։
[cccxl] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxli] Ճանապարհորդ։
[cccxlii] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxliii] «Արարատ»ի 18 Նոյեմբեր 1962-ի թիւի 2-3-րդ էջերուն մէջ լոյս տեսած է Պէպօ Սիմոնեանի 15 Նոյեմբեր թուակիր «Երախտագիտութեան խօսք հայրենի կրթական նախարարութեան» վերնագրուած գրութիւնը՝ 1962-ի ամառը Մայր Հայրենիքի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներուն եւ հայրենական ջերմ հիւրընկալութեան մասին։ Տպուած է նախարարութեան պատասխանատուներու եւ սուրիահայ ու լիբանանահայ ուսուցիչներու խմբանկար մը, ուր նաեւ կ’երեւին Պէպօ Սիմոնեանը եւ «կրթական աշխատող Ց․ Խաչատրեան»ը։ Հակառակ մեր յամառ ջանքերուն, չկրցանք յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղել յիշեալին մասին։
[cccxliv] Ձեռագիր՝ Ալիսիա Կիրակոսեանի հայերէն անուան վերտառութեամբ գեղազարդուած ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxlv] Ալիսիա Կիրակոսեանի «Խորան» խորագիրով երկու հատորները լոյս տեսան տարիներ ետք՝ 1994-ին, «Նոր Դար» հրատարակչութենէն, Կլենտէյլ։
[cccxlvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cccxlvii] «Քրիստոս»-էն մինչեւ հոս բոլոր բառերը գրամեքենագրուած են գլխագիրով։
[cccxlviii] «Սարդարապատ» – Շաբաթաթերթ։ Ռ․ Ա․ Կ․ի Հարաւային Ամերիկայի չյայտարարուած պաշտօնաթերթն է։ Լոյս տեսած է 6 Սեպտեմբեր 1975-էն մինչեւ 2020-ի Օգոստոսի աւարտը՝ Պուէնոս Այրեսի մէջ։ Նիւթերուն մեծ մասը սպաներէն է, փոքր մասը՝ հայերէն։
[cccxlix] Սարգիս Յ. Կիւլլիւճեան (1914 կամ 1915 – 1993) – Կրօնի եւ հայագիտական առարկաներու ուսուցիչ, կրօնաբարոյական հարցերու մասին յօդուածներով հայ մամուլի աշխատակից, նոյն նիւթերու մասին հայերէն եւ սպաներէն գիրքերու հեղինակ: Աշակերտած է Բենիամին Ժամկոչեանին, աւարտած Լիբանանի Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Հայագիտութեան Ամպիոնի Հայ լեզուաբանութեան դասընթացքները՝ «բաւական լաւ յիշատակութեամբ»։ 1950-1960-ին դասաւանդած է Սահակեան Վարժարանին մէջ, ապա նշանակուած է Թռչնոց Բոյնի տնօրէն, ուսուցչագործած Ազգ․ Ռուբինեան Վարժարանին, 1964-1977-ին՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանին մէջ։ 1978-ին Լիբանանէն գաղթած է Պուէնոս Այրես, ուր ուսուցչագործած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Մարի Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանին մէջ։ Ամենուրեք հիմնած է կիրակնօրեայ դպրոցներ՝ կրօնքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդումով։
[cccl] Ձեռագիր՝ Վիգէն Կիւլվարդեանի անգլերէն անուան վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccli] Ձեռագիր՝ «Շիրակ» տպարան.գրատուն.հրատարակչատան տարբերանշանով եւ անոր Լոս Անճելոսի մասնաճիւղի հայերէն ու անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclii] Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն։
[cccliii] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։
[cccliv] Նամակագիրի տիկինն է՝ Սօսի Հաննէսեան։
[ccclv] Ձեռագիր՝ «Շիրակ» տպարան.գրատուն.հրատարակչատան տարբերանշանով եւ անոր Լոս Անճելոսի մասնաճիւղի հայերէն ու անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclvi] Յովհաննէս Հաննէսեան, «Գաղթը Վէրքով Ու Երգով», հրատարակութիւն Յովհաննէս եւ Հրաչ Հաննէսեաններու, Լոս Անճելոս, 1988, 217 + 2 չհամարակալուած էջ։
[ccclvii] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:
[ccclviii] Նկատի ունի երկուքի բաժնուած Պէյրութը։
[ccclix] Ձեռագիր՝ «Շիրակ» տպարան.գրատուն.հրատարակչատան տարբերանշանով եւ անոր Լոս Անճելոսի մասնաճիւղի հայերէն ու անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclx] «Սիրելի» բառէն սկսեալ նամակը շարունակուած է թուղթի դարձերեսի էջի ձախ լուսանցքին։
[ccclxi] Ձեռագիր՝ Յովհաննէս Հաննէսեանի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxii] Յովհաննէս Հաննէսեան, «Բառարան Հայոց Անուններու», Ա․ հատոր, հրատարակութիւն Յովհաննէս եւ Հրաչ Հաննէսեաններու, Լոս Անճելոս, 1990, 157 + 2 չհամարակալուած էջ։
[ccclxiii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxiv] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «Հ. Բ. Ը. Մ.ին», որ սխալ է:
[ccclxv] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxvi] Հոլովումը արեւմտահայերէն է բնագիրին մէջ։
[ccclxvii] Մօրուս Հասրաթեան (1902-1979) – Հայրենի պատմաբան եւ բանասէր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ՀԽՍՀ-ի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից-անդամ։ 1926-էն մինչեւ 1975 աշխատած է Հայաստանի Պատմութեան Պետական Թանգարանին մէջ, 1964-1975-ին՝ նոյնի տնօրէն։ 1965-1966 ուսումնական տարին հայագիտական նիւթեր դասախօսած է Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճին եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին մէջ։
[ccclxviii] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxix] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxx] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxxi] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxxii] Գրամեքենագրուած՝ Սիմոն Հովիւեանի ֆրանսերէն վերտառութեամբ կնիքով տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Տուեալներու ձախին պատկերուած է բոցավառ ջահ բռնած աջ ձեռք մը։ Բնագիր։
[ccclxxiii] Սիմոն Հովիւեան (1919-2004) – Լիբանանահայ հրապարակագիր, ուսուցիչ, գրահրատարակիչ, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ: Ծառայած է Անթիլիասի դպրեվանքին, Երուսաղէմի պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց Վարժարանին, 1966-1971-ին՝ Մայր Աթոռի Հոգեւոր Ճեմարանին մէջ։ 1966-ին ընտանեօք հայրենադարձած է, 1971-ին վերադարձած Լիբանան։
[ccclxxiv] Չկրկնելու համար, միւս նամակներուն մէջ զանց ըրած ենք այս անգլերէն նշումները:
[ccclxxv] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxxvi] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Անգլերէն երկտողը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[ccclxxvii] Նկատի ունի Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի՝ 1986-ին Աթէնքի մէջ կայացած 14-րդ համագումարը։
[ccclxxviii] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։
[ccclxxix] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:
[ccclxxx] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxxxi] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «այսուհետ»:
[ccclxxxii] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxxxiii] Վաչէ Ղազարեան (ծնած է 1954-ին՝ Հալէպ) – Լիբանանահայ, 1988-էն՝ ամերիկահայ բանասէր, պատմաբան, գրականագէտ, գրահրատարակիչ, խմբագիր, հասարակական գործիչ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու։ Վարիչ-քարտուղարի եւ այլ կարեւոր պաշտօններ զբաղցուցած է Ռ․ Ա․ Կ․ի, Թ․ Մ․ Մ․ի եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի ղեկավար մարմիններու մէջ։ Ա․ Մ․ Ն․ի մէջ 1995-ին հիմնած է «Մայրենի» հրատարակչութիւնը, որու տնօրէնութիւնը կը վարէ առաջին օրէն։
[ccclxxxiv] «50-ամեայ Յոբելեան Դոկտ․ Բերկրուհի Սվաճեանի», խմբագիր՝ Վաչէ Ղազարեան, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի հրատարակութիւն, 1990, 56 էջ։
[ccclxxxv] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «ձեռքը»:
[ccclxxxvi] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxxxvii] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[ccclxxxviii] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ տեսնել կարենալու:
[ccclxxxix] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Վերտառութեան անմիջապէս տակը, ձախին եւ աջին, տպուած են տօնականօրէն զարդարուած մէկական զանգակ, որոնց միջեւ՝ հայերէն շնորհաւորանքը։ Ինքնագիր։
[cccxc] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxci] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxcii] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxciii] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cccxciv] Cancel ընել – Չեղարկել (անգլերէն-հայերէն)։
[cccxcv] Սահակեան եւ Կիլիկեան վարժարաններ:
[cccxcvi] Interest – Տոկոս (անգլերէն):
[cccxcvii] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:
[cccxcviii] Փրոփականտ – Քարոզչութիւն (եւրոպական լեզուներ):
[cccxcix] Համապատասխանաբար՝ Ս. Դ. Հ. Կ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն եւ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին:
[cd] Համակարգչային շարուածք՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Հասցէատիրոջ անունն ու բնակավայրը աւելցուած են ձեռագիրով։ Բնագիր։
[cdi] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Այս նամակէն սկսեալ եւ մինչեւ 31 Օգոստոս 1997-ի թիւը ներառեալ, ձեւաթուղթին վրայ, հեռաձայնի թիւին տակ, ձեռագիրով միշտ աւելցուած է հեռապատճէնը՝ Fax: (201) 599-0872: Ինքնագիր։
[cdii] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «իմանանալով»։
[cdiii] Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն (1933-2019) – Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի 1953-1989 թուականներու նախագահ Ալեք Մանուկեանի դուստրը։ Հօրը յաջորդեց նախագահութեան պաշտօնին՝ զայն վարելով 1989-2002 շրջանին:
[cdiv] «Երիտասարդ Հայաստան»ի 90-ամեակին առթիւ լոյս տեսնել նախատեսուած այդ ժողովածուն այդպէս ալ երեւան չեկաւ․․․
[cdv] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdvi] Հայերէն ճիշդ ձեւերն են՝ «որոշել», «որոշում տալ», «որոշում կայացնել»։
[cdvii] Ժան Աբոյեան – Հնչակեան մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիր։ 1984-1986-ին եղած է Ազգ․ Ռուբինեան Վարժարանի տնօրէնը։ Ա․ Մ․ Ն․ գաղթելով, որոշ ժամանակ Լոս Անճելոսի մէջ խմբագրած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի «Մասիս» շաբաթաթերթը։
[cdviii] «Քուկդ, տիկնոջդ եւ Հրանդ Գանգրունիին» բառերը աւելցուած են տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[cdix] Համապատասխանաբար՝ Վահրիճ Ճերեճեան, Ժիրայր Նայիրի, Մանուէլ Ադամեան։
[cdx] Յարութ Տէր Դաւիթեան (ծնած է 1954-ին՝ Պէյրութ) – Հնչակեան մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիր։ 1975-ին շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճի Պատմութեան Բաժանմունքէն։ 12 տարի աշխատած է Սէուտական Արաբիոյ ապահովագրական ընկերութեան մը մէջ։ 1989-ին հաստատուած է Լոս Անճելոս, ուր շրջան մը վարած է «Մասիս» թերթին խմբագրութիւնը:
[cdxi] Ահարոն Շխրտըմեան – Հասարակական գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր։ Աւարտած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը եւ Երեւանի Փոլիթեքնիք Հիմնարկի Տարրաբանութեան Բաժանմունքը։ 2000-ականներուն սկիզբը վարած է «Արարատ» թերթին խմբագրութիւնը, ապա՝ Հ․ Ե․ Ը․ի քարտուղարութիւնը։ 2021-էն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Բաժանմունքի վարիչն է։
[cdxii] Ազնիւ Կիտուր – Հրապարակագիր, կրթական եւ կուսակցական-հասարակական գործիչ։ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավարներէն Արդէն Կիտուրի դուստրն է։
[cdxiii] Գէորգ Տարօնի (Գէորգ Գրիգորեան, ? – 2019) – Լիբանանահայ հրապարակագիր։ Առաւելաբար գրած է Ժիրայր Նայիրիի խմբագրած «Արարատ» եւ «Նայիրի» թերթերուն համար։
[cdxiv] Սեպուհ Գալփաքեան – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի եւ հասարակական գործիչ, թատրոնի բեմադրիչ։ Աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստա-Թատերական Հիմնարկը։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմիններու ատենապետ, Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ, 2009-2017-ին՝ Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան։
[cdxv] Յակոբ Աղայեան։
[cdxvi] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxvii] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxviii] Նկատի ունի Արմէն Ղարիպը:
[cdxix] Քէմփէյն – Արշաւ (անգլերէն)։
[cdxx] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxxi] Միհրան Մելքոնի Սեֆերեան (ծնած է Պէյրութ, հաւանաբար 1960-ականներու կէսին) – Հնչակեան գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ քաղաքաշինարար երկրաչափ։ Աւարտած է Պէյրութի Վահան Թեքէեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանները ու Երեւանի Փոլիթեքնիք Հիմնարկի Քաղաքաշինութեան Բաժանմունքը։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Վարիչ Մարմինի անդամ։ 2013-ի Փետրուարին հաստատուած է Կիպրոս իբրեւ լիբանանեան շինարարական ընկերութեան մը Կիպրոսի մասնաճիւղին տնօրէնը։
[cdxxii] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxxiii] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxxiv] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxxv] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «110-ամեակին»
[cdxxvi] Ձեռագիր՝ «Երիտասարդ Հայաստան» թերթի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxxvii] 30 Հոկտեմբեր 1998-ին լոյս տեսաւ հայրենադարձած թերթի առաջին թիւը Երեւանի մէջ՝ իբրեւ ««Երիտասարդ Հայրենիք» միութեան շաբաթաթերթ»՝ Լոնտոն հաստատուած Մանուէլ Ադամեանի խմբագրութեամբ։
[cdxxviii] Ձեռագիր սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։ Եղիկ Ճերեճեանի նամակներուն ուղղագրութիւնը եւ լեզուն խառնակ են՝ դասական-աբեղեանական, արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն։
[cdxxix] Տիգրան Սարաֆեան։
[cdxxx] Սթիքա – Բուն անունով՝ Ստեփան Տէօվլեթեան։ Լիբանանի մէջ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի մարտական պատասխանատուներէն։ 17 Յունիս 1979-ին առեւանգուած է Պէյրութի մէջ եւ անհետ կորսուած։
[cdxxxi] Ձեռագիր՝ սովորական, ուղղահայեաց ուղղանկիւններով ցանցուած թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxxxii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxxxiii] Այսպիսի բառ չկայ հայերէնին մէջ։ «Վատթար» բառը աւելի քան բաւարար է։
[cdxxxiv] 1978-ի Նոյեմբերին օր մը, Պէյրութի արեւմտեան շրջանը գտնուած Պէպօ Սիմոնեանին Հ․ Մ․ Մ․ի երկարամեայ վարչական եւ մեկենաս Սարգիս Սարգիսեան (1923-2020, ծանօթ էր Մըրմըր Սարգիս անունով) կ’առաջարկէ այցելել մօտակայքը ապրող Գառնիկ Ադդարեանի բնակարանը։ Ճամբուն վրայ իրենց ինքնաշարժը կը կանգնեցնեն զինեալներ, որոնք դուրս կու գայ որ աւազակ են։ Անոնք իրենց հետ կը տանին Պէպօ Սիմոնեանի ձեռքի պայուսակը, որու մէջ կային անձնաթուղթ եւ այլ փաստաթուղթեր, նաեւ դրամ։ Դրամը իրենց պահելով, անոնք պայուսակը կը նետեն մերձակայ փողոցներէն մէկուն մէջ, եւ ոստիկանութեան միջոցով ան կը վերադարձուի Պէպօ Սիմոնեանին։
[cdxxxv] Լիբանանահայութեան դէմ ծայրայեղ աջակողմեան միլիսներու բռնարարքներու լուրերը յառաջացուցած էին յուզումներ հայրենահայութեան, մասնաւորաբար ուսանողական շրջանակներուն մէջ։ Անոնք կը պահանջէին, որ խորհրդային կառավարութիւնը սաստէ անոպաները, իսկ Խորհրդային Հայաստանը սնունդ, դեղօրայք եւ այլ օժանդակութիւն հասցնէ լիբանանահայ աղէտեալներուն, ինչը կատարուեցաւ յաջորդ ամիսներուն։
[cdxxxvi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxxxvii] Բնագիրին մէջ գրուած է տարածուած սխալ ձեւով՝ «ուղղարկած»:
[cdxxxviii] Բրակդիկա – Գործնական դասեր (ռուսերէն)։
[cdxxxix] Լիբանանի մէջ ծայրայեղ աջակողմեան միլիսները շարունակած էին իրենց հակահայկական բռնարարքները, այդ թիւին՝ Հ․ Մ․ Մ․ի Խալիլ Պետեւի թաղամասի ակումբի մուտքին Փարամազի արձանին ականահարումը եւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատան հրկիզումը։
[cdxl] Նկատի ունի Պէյրութի արեւմտեան հատուածը։
[cdxli] Գրիգոր Քեհեայեան՝ Պէպօ Սիմոնեանի Մարի Գալայճեան-Քեհեայեան քրոջ ամուսինը, Գրիգոր Նազարեան՝ Պէպօ Սիմոնեանի մօրաքրոջ դստեր ամուսինը (յայտնի էր «Սարդարապատ Գօգօ» անունով՝ նոյնանուն ճամբորդական գրասենեակի տնօրէնն ըլլալուն համար)։
[cdxlii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Նամակին մէջ կը վխտան ուղղագրական սխալները։ Ինքնագիր։
[cdxliii] Զարիկ Ճերեճեան-Փոլատեան – Պէպօ Սիմոնեանի քրոջ դուստրը, Եղիկ Ճերեճեանի քոյրը։
[cdxliv] «Զրոյցներ Կէօթէի Հետ Նրա Կեանքի Վերջին Տարիներին, 1823-1832», թարգմանիչ եւ ծանօթագրող՝ Յակոբ Հմայեակի Յակոբեան, խմբագիր՝ Գարիկ Նիքիթի Յովհաննիսեան, ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան, 1975, 753 էջ։
[cdxlv] Հուրի Փաթափութեան, հետագային՝ Եղիկ Ճերեճեանի տիկինը։
[cdxlvi] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ:
[cdxlvii] Ձեռագիր՝ սովորական, ուղղահայեաց ուղղանկիւններով ցանցուած թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdxlviii] Կոստանդին Օրբելեան (1928-2014) –Հայաստանի էսթրատային նուագախումբի խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար, երգահան։
[cdxlix] Սոնա Ճերեճեան – Լուսանկարիչ Յովհաննէս Ճերեճեանի (Ֆոթօ Շիրազ) տիկինը։
[cdl] Տարօն(իկ) Ճերեճեան – Յովհաննէս եւ Սոնա Ճերեճեաններու որդին։
[cdli] Քոմէտի – Ծիծաղ, հոս՝ ծիծաղելի (ֆրանսերէն)։
[cdlii] Նկատի ունի 1973-1991-ին Նիս-Քոթ տ’Ազիւրի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տարօն վրդ․ Ճերեճեանը․ տե՛ս յաջորդ նամակները։
[cdliii] Գելհամ – Գիւղ Անգլիոյ Նոթինկհեմշայրի շրջանին մէջ։
[cdliv] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վեց էջերու վրայ։ Ինքնագիր։ Այս նամակագիրի գրութեանց մէջ հանդիպող, արեւելահայերէնին յատուկ ձեւերը բնագրային են:
[cdlv] Արա Միրիճեան․ տե՛ս վերջինիս՝ Պէպօ Սիմոնեանին ուղղած նամակները այս երկհատորեակին մէջ։
[cdlvi] Ճիշդ հոլովն է հայցականը՝ զիս:
[cdlvii] Գիւտ վրդ․ Նագգաշեան (1933-2021) – Հետագային՝ արքեպիսկոպոս։ Մինչեւ 1950-ականներու վերջը Կիլիկիոյ, ապա Երուսաղէմի, այնուհետ Մայր Աթոռի միաբան, ուսուցիչ, 1988-ի Յուլիսէն մինչեւ 2007-ի Յունիսի վերջին հանգստեան կոչուիլը՝ Փարիզի թեմի առաջնորդ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ։
[cdlviii] Պսակ եպս․ Թումայեան (1912-1981) – 1963-էն՝ արքեպիսկոպոս։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ, Միացեալ Թագաւորութեան հայոց հոգեւոր հովիւ մինչեւ 1973, նոյն երկրին համար 1955-ի վերջէն 1968՝ հայրապետական պատուիրակ եւ Անգլիքան Եկեղեցւոյ կից Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ։
[cdlix] Զաւէն Վրդ. Արզումանեան – Հետագային՝ ամուսնացեալ քահանայ Զաւէն աւագ քահանայ Արզումանեան (ծնած է 1933-ին, Գահիրէ) – Հրապարակագիր, փիլիսոփայութեան դոկտոր, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան գիտակ։ Կիլիկիոյ Աթոռի, 1960-ականներու սկիզբէն՝ Մայր Աթոռի միաբան։ Շարունակած է Մաղաքիա արք․ Օրմանեանի եռահատոր «Ազգապատում»ը՝ հեղինակելով ու հրատարակելով շարքի Դ․ հատորը, «Հայ Եկեղեցւոյ Բարձրաստիճան Հոգեւորականներ» գիրքը եւ այլ աշխատութիւններ։
[cdlx] Գալուստ Կիւլպենկեանի բարերարութեամբ ի յիշատակ իր հօր 1922-1923-ին կառուցել տուած առաջնորդանիստ Ս․ Սարգիս եկեղեցին։
[cdlxi] Նկատի ունի Պէյրութի հայաբնակ, հնչակեան ազդեցութեան շրջան եղող Նոր Հաճըն թաղամասը։
[cdlxii] Ալիս Վարդանեան – Պէպօ Սիմոնեանի մօրաքոյրը։
[cdlxiii] Արմենուհի – Ալիս Վարդանեանի տալը։
[cdlxiv] Ժիրայր սրկ․ Ճերեճեան (1937-2023) – Հետագային՝ Տարօն եպս․ Ճերեճեան։ Մայր Աթոռի միաբան: Նախակրթութիւնն ստացած է Պէյրութի Սահակեան Վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինի Հոգեւոր Ճեմարան, զոր 1959-ին աւարտելէ ետք ղրկուած է Անգլիա՝ աստուածաբանական ուսման։ 8 Դեկտեմբեր 1963-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Փարիզի Ս․ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։ 1965-ին ստացած է մասնաւոր, 1978-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները։ Եպիսկոպոս օծուած է 1992-ին։ 1969-ի աշունէն 1971-ի վերջ վարած է Դամասկոսի թեմի առաջնորդի տեղապահի պաշտօնը։ 1973-էն մինչեւ վախճանումը ապրած ու գործած է Հարաւային Ֆրանսայի մէջ՝ իբրեւ շրջանի հայութեան հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ։
[cdlxv] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdlxvi] Հաւանաբար՝ «մէջբերում» բառին յապաւումն է:
[cdlxvii] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «սորուիմ»:
[cdlxviii] Գերմաներէն ճիշդ հնչումով՝ Շվայցեր։ Լիւտվիկ Ֆիլիփ Ալպերթ Շվայցեր (1875-1965) – Գերմանացի հանրագիտակ, բժիշկ, փիլիսոփայ, աստուածաբան, գրող, երաժշտագէտ, լուտերական հոգեւորական:
[cdlxix] «Միայն» բառը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[cdlxx] Բառը այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ:
[cdlxxi] Ձեռագիր՝ սովորական հինգ թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdlxxii] Հոս եւ յետոյ բնագիրին մէջ գրուած է՝ «1.30», «3.3», որ սխալագրութիւն է:
[cdlxxiii] Ալեքսանդր Մանթաշեանի բարերարութեամբ 1902-1904-ին կառուցուած Ս․ Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին Ժան Կուժոն փողոցի վրայ, թիւ 15։ (Փարիզի 8-րդ շրջան)
[cdlxxiv] Սերովբէ եպս․ Մանուկեան (1908-1984) – Հետագային՝ արքեպիսկոպոս։ Մեծ Եղեռնի որբերէն։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ, 1953-էն մինչեւ վախճանումը՝ Փարիզի թեմի առաջնորդ ու Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ։
[cdlxxv] Ներսեհ վրդ․ Փափուճեան – Հետագային՝ ծայրագոյն վարդապետ։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ։
[cdlxxvi] Վազգէն վրդ․ Քեշիշեան (1933-1990) – Հետագային՝ արքեպիսկոպոս: 1949-1955-ին ուսանած է Կիլիկիոյ Աթոռի դպրեվանքին մէջ, յետոյ անդամակցած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։ 1959-1968-ին զբաղած է ուսուցչութեամբ։ 1962-1966-ին եղած է Մարսէյի հայոց հոգեւոր հովիւը։ 1967-1984-ին հովուական պաշտօններ վարած է Ա․ Մ․ Ն․ի ծուխերուն մէջ։ 1984-էն մինչեւ վախճանումը եղած է Գանատայի նորահաստատ թեմի առաջին առաջնորդը։
[cdlxxvii] 26 Փետրուար 1964-ին Մարսէյ կը հասնէր ընդամէնը հինգ շաբաթ առաջ եպիսկոպոս ձեռնադրուած Արտաւազդ Թրթռեանը իբրեւ Հարաւային Ֆրանսայի անթիլիասական թեմի առաջնորդ։ Շրջանի հայութեան մեծ մասը մերժեց ճանչնալ այս կարգադրութիւնը։ Մարսէյի մէջ վեց տարի մնալէ ետք, Արտաւազդ եպս․ վերադարձաւ Անթիլիաս։
[cdlxxviii] Բնագիրին մէջ գրուած է «գտնուելու», որ սխալ է։
[cdlxxix] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdlxxx] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdlxxxi] Պէպօ Սիմոնեանի մայրը՝ Ովսաննա Գալայճեան։ Մահացած է 1964-ի Նոյեմբերին՝ Պէյրութի մէջ՝ 47 տարեկան հասակին։
[cdlxxxii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdlxxxiii] Յովհաննէս Տեմիրճեան – Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմինի ատենապետ։
[cdlxxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdlxxxv] Վահրիճ Ճերեճեանի տիկինն է։
[cdlxxxvi] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdlxxxvii] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cdlxxxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cdlxxxix] Օրիէնտացիա – Արեւելում, կողմնորոշում (ռուսերէն)։
[cdxc] Համապատասխանաբար՝ Աւետիս Նազարբեկեան, Սարգիս Մուպահեաճեան, Ղազարոս Աղայեան, Տիգրան Օտեան, Արփիար Արփիարեան, Արամ Պետրոսեան, Նուարդ Բաթաբանեան։
[cdxci] «Հնչակ» – «Կեդրոնական օրգան Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան»։ Հիմնադիր՝ Աւետիս Նազարբեկ։ Լոյս տեսած է 1887-1905-ին՝ յաջորդաբար Ժնեւի, Աթէնքի, Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ, եւ 1935-1940-ին՝ Փրովիտընսի մէջ։
[cdxcii] «Գաղափար» – «Հանդէս գիտական սոցիալիզմի», «Գիտական օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան»։ Հիմնադիր՝ Աւետիս Նազարբեկ։ Լոյս տեսած է 1894-ին՝ ընդամէնը երկու անգամ․ թիւ 1-ը՝ Աթէնքի, թիւ 2-ը՝ Լոնտոնի մէջ։
[cdxciii] Աւետիս Նազարբեկ (1866-1939) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի հիմնադիր ուսանողական խմբակի անդամ, կուսակցութեան գլխաւոր տեսաբան-գաղափարախօս, ղեկավար գործիչ, հրապարակագիր, գրող, խմբագիր։ 1934-ին միացած է Համամիութենական Կոմունիստական (Պոլշեւիկեան) Կուսակցութեան։ Մահացած է Մոսկուայի մէջ։
[cdxciv] Ստեփան Սապահ-Գիւլեան (բուն անունով՝ Ստեփան Տէր Դանիէլեան, 1861-1928) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, գաղափարախօս, հրապարակագիր, խմբագիր, գիրքերու հեղինակ։
[cdxcv] Այսպէս՝ արեւելահայերէն է բնագիրին մէջ։
[cdxcvi] Մ․ Արեւելքցի – Երաժշտահան, խմբավար Աշոտ Պատմագրեանի (1898-1981) գործածած հիմնական ծածկանունն է։
[cdxcvii] Համակարգչային շարուածք՝ Ալեք Մանուկեանի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cdxcviii] Մարի Թաթեան-Մանուկեան (1902-1993) – Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի ցկեանս պատուակալ նախագահ, ազգային բարերար, Հայաստանի ազգային հերոս Ալեք Մանուկեանի տիկինը, ինք եւս՝ բարերար: Մահացած է 22 Ապրիլ 1993-ին՝ Տիթրոյթի մէջ։ Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններուն աճիւնները 17 Յուլիս 2007-ին վերաթաղուած են Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինի մէջ։
[cdxcix] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[d] Յակոբ Մանուկեան (1935-2014) – Բանաստեղծ, ուսուցիչ։ Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը։ 2008-էն մինչեւ մահը «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ներկայացուցած է նոր լոյս տեսած հայերէն հրատարակութիւններ:
[di] Ձեռագիր՝ բացիկի վրայ։ Ինքնագիր։
[dii] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[diii] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[div] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dv] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dvi] Գուրգէն Մահարի (Գուրգէն Աճեմեան, 1903-1969) – Հայրենի բանաստեղծ, արձակագիր, վիպագիր, գրականագէտ։ Մեծ Եղեռնի որբերէն։ Չափահաս կեանքին գրեթէ մէկ երրորդը՝ 15 տարի, անցուցած է Սիպերիոյ աքսորավայրերուն մէջ։ Այդ մասին հեղինակած է յուշապատումներ:
[dvii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dviii] Երկու բառ անընթեռնելի է անորակ պատճէնահանման պատճառով
[dix] Գեղանկարիչ Հրաչ Այնթապլեան։
[dx] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxi] Ֆանտաստիկ – Աներեւակայելի (եւրոպական լեզուներ)։
[dxii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxiii] Սարգիս Բայանդուրի եւ Մարօ Մարգարեանի դուստր Անահիտ Բայանդուր։
[dxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxv] Միխայիլ Սերկէեւիչ Կորպաչով (1931-2022) – Խորհրդային պետական եւ կուսակցական գործիչ, 11 Մարտ 1985-24 օգոստոս 1991` Խորհրդային Միութեան Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար, 25 Մայիս 1989-15 Մարտ 1990՝ Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահ, 15 Մարտ 1990-25 Դեկտեմբեր 1991՝ Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի առաջին ու վերջին նախագահ։ Իր ապիկարութեամբ կործանեց այդ հզօր երկիրը, հայատեաց քաղաքականութեամբ անլոյծ ձգեց Արցախի հարցը։
[dxvi] «Եւ յետոյ էլ Մոսկուայի» բառերը աւելցուած են տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxvii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxviii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxix] «Ու կենսավառ» բառերը աւելցուած են տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxx] «Էք» բայը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxxi] Վահէ-Վահեան (բուն անունով՝ Սարգիս Ապտալեան, 1909-1998) – Բանաստեղծ, մանկավարժ, թարգմանիչ, խմբագիր, հասարակական գործիչ։ Մեծ Եղեռնի որբերէն։ Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Երկրաչափութեան Բաժանմունքի քաղաքաշինութեան բաժինը, սակայն զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրական-խմբագրական-թարգմանական գործունէութեամբ՝ դասաւանդելով հիմնականին մէջ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Նիկոսիոյ եւ Լիբանանի բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ։ 1946-1955-ին Պէյրութի մէջ խմբագրած ու հրատարակած է «Անի» գրական հանդէսը։ 1964-1980-ին վարած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Պէյրութի նորաբաց Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկի տնօրէնութիւնը։
[dxxii] Մէկ տողի բառերը կը բացակային՝ պատճէնահանուած չըլլալու պատճառով։
[dxxiii] Մարօ Մարգարեան, «Հատընտիր», «Սովետական գրող» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1985, 544 էջ։
[dxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxxv] Աբգար Ափինեան։
[dxxvi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxxvii] Հոս եւ յետոյ բնագիրին մէջ գրուած է «Ու»։
[dxxviii] «Լաւ» եւ «ունենալ» բառերը աւելցուած են տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxxix] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxxx] «Նոր դար» – «Գրական, մշակութային, հասարակական պարբերաթերթ»: Լոյս տեսած է 1995-1996-ին՝ Երեւան։ Գլխաւոր խմբագիր՝ Աբգար Ափինեան։
[dxxxi] «Է ձգում» բայը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxxxii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxxxiii] Պէպօ Սիմոնեան Երեւան ժամանած էր մասնակցելու 27-30 Հոկտեմբեր 1995-ին Երեւանի մէջ կայացած Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի 16-րդ համագումարին, որու ընտրած Կեդրոնական Վարչութեան 13 հոգինոց կազմին մէջ էր նաեւ Պէպօ Սիմոնեանը։
[dxxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxxxv] Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան, «Երիտասարդութիւն Եւ Դաստիարակութիւն», հրատարակութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի, Անթիլիաս – Լիբանան, 1995, 117 էջ։
[dxxxvi] «Իսկ վատը՝ ահռելի վատ գործեր է անում» բառերը աւելցուած են տողէն վար՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxxxvii] «Ի հարկէ» բառերը աւելցուած են տողէն վար՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ, մինչդեռ ատոր կարիքը չկար, քանի որ այդ բառերը քիչ անդին կը կրկնուին նոյն նախադասութեան մէջ։
[dxxxviii] «Շրջող, խրախճանքներ սարքողների» բառերը աւելցուած են տողէն վար՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxxxix] «Հէնց արդարի անունից, հիմա էլ կան» բառերը աւելցուած են տողէն վար՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxl] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxli] Բնագիրին մէջ գրուած է «նիւթեր»։
[dxlii] «Քո» եւ «Աբգարն» բառերը աւելցուած են տողէն վար՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[dxliii] Օննիկ Սարգիսեան (1914-1992) — Սուրիահայ, ապա լիբանանահայ մանկավարժ, խմբագիր, հրապարակագիր, գրաքննադատ, հասարակական գործիչ։ Շուրջ 60 տարի հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն դասաւանդած է Ազէզի, Հալէպի եւ Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ։ 1950-ին Սուրիայէն անցած է Պէյրութ եւ վարած Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Երուանդ Տեմիրճեան Վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Կարեւոր պաշտօններ զբաղցուցած է Ռ․ Ա․ Կ․ի, Թ․ Մ․ Մ․ի եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի ղեկավար մարմիններուն մէջ։ 1956-էն 1965՝ Զարեհ Մելքոնեանի հետ, այնուհետ մինչեւ 1988 միանձնեայ խմբագրած է Թ․ Մ․ Մ․ի «Շիրակ» գրականութեան եւ արուեստի ամսագիրը: 1988-ին անցած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր շատ չանցած մահացած է։
[dxliv] Երուանդ Պապայեան (1913-2014) – Ռ․ Ա․ Կ․ի, հասարակական եւ կրթական գործիչ։ Հալէպի եւ Լիբանանի մէջ յիսուն տարիէ աւելի ծառայած է կրթական գործին։ 1940-1951-ին՝ Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանի, 1954-1986-ին՝ Պուրճ Համմուտի Վահան Թէքէեան Վարժարանի տնօրէն, Լիբանանի մէջ Ռ․ Ա․ Կ․ի ղեկավարներէն։ 1986-ին հաստատուած է Լոս Անճելոս։
[dxlv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxlvi] Վանօ Սիրադեղեան (1946-2021) – Պետական եւ քաղաքական գործիչ, արձակագիր, հրապարակագիր, հրապարակախօս: Եղած է «Ղարաբաղեան Շարժման Հայաստանի Կոմիտէ»ի անդամ 20 Փետրուար 1988-էն, Հայոց Համազգային Շարժում կազմակերպութեան նախագահը, երկար տարիներ՝ ներքին գործոց նախարար։
[dxlvii] «Վանոն, որ գրող է» բառերը աւելցուած են տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:
[dxlviii] Լեւոն Տէր Պետրոսեան (ծնած է 1945-ին՝ Հալէպ) – Պետական եւ քաղաքական գործիչ, 1988-ի Մայիսէն՝ «Ղարաբաղեան Շարժման Հայաստանի Կոմիտէ»ի անդամ, ապա ղեկավար, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, բազմաթիւ համալսարաններու պատուոյ դոկտոր, հրապարակախօս, ասորագէտ։ 1990-1991-ին եղաւ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան վերջին, 1991-1998 թուականներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը։ Վերջին տարիներուն՝ Հայ Ազգային Կոնգրեսի Վարչութեան նախագահն է։
[dxlix] Սիւլեյման Տեմիրէլ (1924-2000) – Թուրք քաղաքական եւ պետական գործիչ։ Եղած է «Արդարութիւն» եւ «Ճիշդ Ուղի» կուսակցութիւններու ղեկավար, խորհրդարանի անդամ, բազմիցս՝ վարչապետ, 1993-2000 թուականներուն Թուրքիոյ Հանրապետութեան 9-րդ նախագահը։
[dl] Մանուէլ Գազանճեան (1938-2011) – Լիբանանահայ հրապարակագիր, խմբագիր, հրատարակիչ, տպարանատէր։ 1959-ին Կարապետ եղբօր հետ սկսած է հրատարակել «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը։ Պարբերականին նիւթերը առաւելաբար կը վերաբերէին շարժարուեստին։ Թերթը լիբանանեան ներքին կացութեան պատճառով ընդհատումներ ունեցաւ 1970-ականներուն եւ կանգ առաւ 1978-ին։ 1991-ին Մանուէլ Գազանճեան վերսկսաւ պարբերականին հրատարակութիւնը՝ ամսական պարբերականութեամբ, հանդէսի տեսքով։ Պարբերականը շարունակուեցաւ լոյս տեսնել մինչեւ 1998, երբ վերջնականապէս դադրեցաւ։
[dli] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dlii] Այս պարբերութիւնը գրուած է տոմսի վերի աջ քառորդին մէջ՝ իբրեւ նամակի շարունակութիւն:
[dliii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dliv] Բնագիրին մէջ գրուած է՝ «են»։
[dlv] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dlvi] Արա Պալեոզեան (1936-2019) – Գրող, գրաքննադատ, թարգմանիչ։ Աւարտած է Վենետիկի Մխիթարեաններու Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանը եւ Վենետիկի Քա Ֆոսքարի Համալսարանի Տնտեսագիտութեան ու Քաղաքագիտութեան Բաժանմունքը։ Գրած է հայերէն եւ անգլերէն։ Հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսած իր հրապարակումները առաւելաբար գրախօսութիւն են։
[dlvii] Խօսքը կը վերաբերի Պէյրութի «Բագին» գրական հանդէսի Հոկտեմբեր 1986-ի թիւին մէջ (էջ 71) Արա Պալեոզեանի ստորագրած «Նոր գիրքեր – Չարենցեան արձակներ՝ անգլերէնով» գրախօսութեան։ Չարենցի գրութիւնները անգլերէնի թարգմանած են Ժագ Անդրէասեանն ու Մարզպետ Մարկոսեանը։
[dlviii] Թորգոմ արք․ Մանուկեան (1919-2012) – 1966-1990-ին՝ Արեւելեան Ա․ Մ․ Ն․ի էջմիածնական թեմի առաջնորդ, 1990-2012-ին՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք։
[dlix] Հաւանաբար՝ տոքթ․ Արշակ Գազանճեան։
[dlx] Մարզպետ Մարկոսեան (1940-2022) – Ամերիկահայ գրող, հրապարակագիր, կրթական գործիչ, տարրաբանութեան դոկտոր: Յաճախած է Վիեննական Մխիթարեաններու Հազմիէի եւ Պէյրութի Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական վարժարանները, ապա աւարտած Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Տարրաբանութեան Բաժանմունքը։ 1965-ին Լիբանանէն գաղթած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր ստացած է դոկտորայի աստիճանը եւ աշխատած տարրալուծարաններու մէջ։ 20 տարի գիտական առարկաներ դասաւանդած է ամերիկեան դպրոցներու մէջ։ Սկիզբը անդամակցած է Ռ․ Ա․ Կ․ին, ապա՝ Հ․ Յ․ Դ․ին։ 1997-2001-ին եղած է Էնսինոյի (Մեծն Լոս Անճելոս) Ազգային Սրբոց Նահատակաց-Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի ընդհանուր տնօրէնը։
[dlxi] Իր շահեկանութեան համար հոս կ’արտատպենք այդ նամակը (Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր)։
Նիւ Եորք, 7 Սեպտեմբեր 1987
Սիրելի Պօղոս,
Վերջերս ստացայ լուսատիպ պատճէնը «Բագին»ի Հոկտեմբեր 1986-ի թիւին մէջ լոյս տեսած Պալեոզեանի գրախօսականին: Նոյնը այստեղ էր տպուած անգլիերէնով:
Պալեոզեանի գրախօսականը չզարմացուց զիս ատենին, բացի սրտի խառնուք պատճառելէ: Ինչ որ զարմացուց, նման յիմարութեան մը հրապարակումն էր «Բագին»ի մէջ. թերեւս մամուլի ազատութեան ընձեռած բարիքները հասկնալի ըլլային եթէ խմբագրական ծանօթագրութեամբ մը յայտնած ըլլայիր վերապահումներդ կամ ջրումդ Չարենցի մասին ըսուած անխառն լկտիութեանց: Տարօրինակ է, Մեծարենցի քերթուածին լոյս տեսնելէ շուրջ եօթը տարի վերջ երբ հարկ կը տեսնես անդրադառ[ն]ալ անոր – ճիշդ կամ սխալ – ի՛նչն էր պատճառը լռելու այդ բացորոշ զրպարտութիւններուն հանդէպ, որոնք լոյս կը տեսնէին գրքին հրապարակումէն գրեթէ տարի մը ետք, գրախօսականի մը պիտակին ներքեւ:
Պիտի ուզէի հետեւեալ անճշդութիւնները նկատողութեանդ տալ –
ա) Եթէ բանաս գիրքը, անուանաթերթին ճիշդ ետեւը, բովանդակութեան էջին դիմաց, վերեւը յստակօրէն ըսած ենք թէ ուրկէ ենք առած մեր գործածած ծանօթութիւնները. ընթերցողը՝ Պալեոզեանի յօդուածին, պիտի առնէ այն տպաւորութիւնը թէ ուզած ենք, կամ ուզած եմ, տալ այն տպաւորութիւնը թէ ես եմ պատրաստած: Նման միամտութիւններ փորձել չեն եղած: Լաւ կ’ըլլար եթէ այդ յիմարը ըսէր թէ կը կապկէր Կոստան Զարեանը երբ կը յատկանշէր Չարենցը:
բ) Կը հաստատէ Պալեոզեան թէ Չարենց պիտի չուզէր այսքանն ալ գրել: Ինքզինքս պաշտպանած չըլլալու համար – նման բան մը անհրաժեշտ չէ այս պարագային, բայց երբ մտագար մը կը փորձէ անուանարկել մեր դարու թերեւս խոշորագոյն քերթողը եւ անոր նահատակութեամբ լուսապսակուած յիշատակը, հայ թերթը պարտքին տակն էր չափերը պահելու: Հոդ, սիրելի Պօղոս, թերացար:
Չերկարեմ: Ժիրայրէն բարեւներ:
Քեզի կորով ու առողջութիւն ու «Բագին»ին յաջողութիւն ու բարգաւաճում կը մաղթեմ:
Սիրով՝ Մարզպետ
- Margossian
5500 Fieldston Rd, apt. 888
Bronx, N. Y., 10471,
- S. A.
Յ.Գ.– 1) Պիտի ուզէի յանձնել ուշադրութեանդ թէ հրատարակութեան համար չէ այս նամակը:
2) Ներփակած եմ նաեւ Չարենցի քերթուածներու անգլիերէն ժողովածուէն օրինակ մը:
[dlxii] Նամակագիրին ստորագրութենէն յստակ չէ անուան առաջին գիրը։ Նոյնքան հաւանական է որ անունը կը սկսի Յ գիրով։
[dlxiii] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dlxiv] Ձեռագիր՝ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անթիլիասական մայր եկեղեցւոյ վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Վերտառութեան ձախին պատկերուած է եկեղեցւոյ տարբերանշանը։ Ինքնագիր։
[dlxv] Սամի Կարօ – Պէյրութի Մար Մխայէլ թաղամասին մէջ սափրատուն-գրատան սեփականատէրը։ Ահա թէ զայն ու անոր աշխատանքային ոճը ինչպէս կը ներկայացնէ լիբանանահայ լեզուագէտ, ատամնաբուժ տոքթ․ Արմենակ Եղիայեանը․ «Նոր Հաճըն աւանի Սամի Կարօն, որ… սափրիչ էր ասպարէզով, եւ սակայն իր փոքրիկ խանութը լեցուցած էր գիրքերով: Հերթական յաճախորդը կու գար սափրուելու, եւ Սամի Կարօ մէկ կողմէ անոր մազը կը կտրէր կամ մօրուքը կ’ածիլէր, միւս կողմէ կը կատարէր գրական խորաթափանց ու հմուտ վերլուծումը գիրքի մըն ալ, մինչեւ որ համոզէր ենթական, որ անպայման կարդայ զայն, եւ կը յաջողէր. յաճախորդը կը հեռանար գիրքով մը: Իսկ եթէ պատահէր, որ իր զբաղած պահուն ուրիշ յաճախորդ մըն ալ մտնէր, «Դուն սա գիրքին աչք մը նետէ մինչեւ գործս վերջացնեմ»,– կը յանձնարարէր, եւ ան «աչք մը կը նետէր» ու այնքան կը խորանար, որ քիչ ետք իր կարգը կը մոռնար՝ թաղուած մնալով ընթերցանութեան մէջ. Սամի Կարօ քիթին տակէն գոհունակ կը ծիծաղէր՝ կարթին ծայրը թպրտացող ձուկ տեսնող ձկնորսին պէս: Եւ քիչ ետք, երբ գործը կ’աւարտէր, ան ալ ի՛ր կարգին գիրք մը առած կը մեկնէր: Ոմանք չէին վարաներ «Սամի Կարօ ընթերցարան» կոչելու անոր… «հաստատութիւնը»»․ տե՛ս https://www.facebook.com/kantsasar/posts/2827882967313711/:
[dlxvi] Recommendé – Պատուիրուած (ֆրանսերէն)։
[dlxvii] Նամակի հեղինակման ժամանակաշրջանին 8 լիբ․ ոսկին համարժէք էր 2,6 տոլարի։
[dlxviii] Ժիրայր սրկ․, հետագային՝ Տարօն եպս․ Ճերեճեան։
[dlxix] Ձեռագիր՝ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անթիլիասական մայր եկեղեցւոյ վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dlxx] Բաքէթ – Փաթեթ (ֆրանսերէն):
[dlxxi] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Տոմսին վերը տպուած է ծաղկեալ ծառի մը մէկ ճիւղին պատկերը՝ ծաղիկներէն մէկուն վրայ թառած թիթեռնիկով։ Ինքնագիր։
[dlxxii] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dlxxiii] Լեւոն Միրիջանեան (1933-2004) – Հայրենի բանաստեղծ, բանասէր, խմբագիր, հասարակական գործիչ: Աշխատած է թերթերու եւ հրատարակչութիւններու խմբագրութեանց մէջ։ Շուրջ մէկ տասնեակ հասարակական կազմակերպութիւններու հիմնադիր կամ ղեկավար կազմի անդամ եղած է։
[dlxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dlxxv] Կոմերիտմիութիւն – Խորհրդային ժամանակաշրջանին երիտասարդութիւնը համայնավար գաղափարախօսութեամբ դաստիարակելու կառոյց։ Համալսարանական ուսանողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կամայ-ակամայ կ’անդամակցէին այդ կառոյցին։
[dlxxvi] Նուշիկ Յովհաննէսի Մկրտչեան (1929-1992)։
[dlxxvii] Ձեռագիր՝ սովորական, քառակուսիներով ցանցուած երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dlxxviii] Մանուէլ Ադամեան։
[dlxxix] Քամալ Ճումպլաթ (1917-1967) – Լիբանանցի քաղաքական եւ պետական գործիչ, Լիբանանի Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահ։ Սպանուեցաւ 16 Մարտ 1977-ին։ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավարութիւնը շատ սերտ կապեր ունէր Քամալ Ճումպլաթի հետ։
[dlxxx] Օշին Քեշիշեան (ծնած է 1934-ին՝ Պէյրութ) – Լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ հասարակական գործիչ, խմբագիր, համալսարանի դասախօս, փրոֆեսոր։ Ծնած է Երուսաղէմ, 1949-ին տեղափոխուած Պէյրութ, աւարտած Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանը։ 1956-ին հաստատուած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր հետեւած է ամերիկեան գրականութեան եւ մարդաբանութեան համալսարանական դասընթացներու։ 1969-ին հիմնած եւ սկսած է խմբագրել ու հրատարակել «Տը Արմինեըն Օպզըրվըր» (The Armenian Observer) անգլերէն շաբաթաթերթը, որ կը շարունակուի առ այսօր: 1980-ականներէն անդամակցած է Թ․ Մ․ Մ․ի Ա․ Մ․ Ն․ի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան։
[dlxxxi] Գաբրիէլ Ինճեճիքեան (1930-2019) – Ամերիկահայ հասարակական եւ կրթական գործիչ, ամերիկահայ առաջին դպրոցի՝ Լոս Անճելոսի Ֆերահեան Վարժարանի հիմնադիր-տնօրէնը։ Ծնած է Քեսապ։ Աւարտած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը: 1953-ին մեկնած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր կատարելագործած է համալսարանական ուսումը։ 1961-1964-ին Պէյրութի մէջ ուսուցչութեամբ զբաղելէ ետք կը հաստատուի Լոս Անճելոս, ուր յամառ հետեւողականութեամբ կը յաջողի 14 Սեպտեմբեր 1964-ին բանալ Ֆերահեան Վարժարանը, որու տնօրէնութիւնը կը վարէ մինչեւ 1990։
[dlxxxii] Յարութիւն Երէցեան (1944-2010) – Բեմադրիչ, գրահրատարակիչ, գեղարուեստական ձեւաւորող, խմբագիր։ Յաճախած է Սահակեան Վարժարան եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարան։ 1963-1969-ին ուսանած է Երեւանի Գեղարուեստա-Թատերական Հիմնարկին մէջ։ 1969-ին Պէյրութի մէջ ընկերներու հետ հիմնած է «Վարդան Աճեմեան» թատերախումբը։ 1970-ականներու առաջին կէսին եղած է Ն․ Ս․ Մ․ Մ․ի Պէյրութի «Արտաւազդ» թատերախումբի երկու բեմադրիչներէն մէկը։ Զբաղած է նաեւ գիրքերու եւ պարբերաթերթերու գեղարուեստական ձեւաւորումով։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք, 1976-ին Լիբանանէն գաղթած է Հոլիվուտ, ուր 1977-ի Ապրիլէն 1984-ի Դեկտեմբեր խմբագրած ու հրատարակած է «Ապրիլ» «մշակութային եւ կենցաղային ամսաթերթ»ը։ Եղբօր՝ Նուպար Երէցեանի ու իրենց տիկիններուն՝ Սիրուն Վասիլեան-Երէցեանի եւ Սեդայի հետ 1978-ին հիմնած է «Ապրիլ» գրատուն-հրատարակչատուն-տպարանը, որ դարձած է հանդիպավայրը Մեծն Լոս Անճելոսի հայ մտաւորականութեան։ Գրատունը 1998-ի ամռան տեղափոխուած է Կլենտէյլ։ Աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է Արեւմտեան Ա․ Մ․ Ն․ի Թ․ Մ․ Մ․ի շրջանակին մէջ։
[dlxxxiii] Նուպար Երէցեան (1938-1989) – Շարժարուեստի քննադատ, գրահրատարակիչ։ Յաճախած է Սահակեան Վարժարան, ապա նետուած կեանքի ասպարէզ։ Ծննդավայր Պէյրութի մէջ աշխատակցած է «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին։ 1972-ին գաղթած է Լոս Անճելոս, ուր եղբօր՝ Յարութիւնի հետ գործակցած է «Ապրիլ» գրատուն-հրատարակչատուն-տպարանի հիմնադրութեան եւ զարգացման մէջ։
[dlxxxiv] Լիբանանի մէջ լոյս տեսած «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթն է։
[dlxxxv] «Արտաւազդ» թատերախումբ – Հիմնած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը 1969-ի վերջին՝ Պէյրութի մէջ։ Բեմադրիչներ՝ Լութֆիկ Թապագեան եւ Յարութիւն Երէցեան: Ներկայացուցած է Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար»ը, Մոլիէրի «Քաղքենի ազնուական»ը եւ հայ ու օտար հեղինակներու այլ գործեր:
[dlxxxvi] Աղաւնի Շահէն (Շահինեան)։
[dlxxxvii] Գարեգին արք․ Սարգիսեան՝ կաթողիկոսական զոյգ Աթոռներու ապագայ գահակալը։
[dlxxxviii] Ձեռագիր՝ սուրբծննդեան շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Անգլերէն շնորհաւորանքը տպագիր է։ Տողերը գրուած են թեքութեամբ։ Ինքնագիր։
[dlxxxix] «Սեւ Ծովը Նոյնն Է Միշտ»-ը Գեղամ Սեւանի պատմուածքներու ժողովածուի խորագիրն է («Անի» ամսագիրի մատենաշար թիւ 7, տպարան «Ատլաս», Պէյրութ, 1954, 252 էջ)։
[dxc] Ձեռագիր՝ սովորական հինգ թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxci] Ակնարկութիւն Ա․ Մ․ Ն․ի պարագային՝ տոքթ․ Յարութիւն Սաղըրեանին, Լիբանանի պարագային՝ տոքթ․ Արշակ Գազանճեանին։
[dxcii] Ա․ Մ․ Ն․ի 35-րդ նախագահ Ճոն Ֆիցճերըլտ Քենետի (1917-1963)։
[dxciii] Ռոպըրթ Ֆրենսիս Քենետի (1925-1968)։
[dxciv] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dxcv] Հայերէն ճիշդ բառն է՝ աներորդի։
[dxcvi] Տիրան Ճերեճեան։
[dxcvii] Վարդան Եաղսըզեան (ծնած է 1938-ին՝ Հալէպ) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի եւ հասարակական գործիչ։ Եղած է Հալէպի մէջ Հ․ Մ․ Մ․ի Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետ, քաղաքի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն։ 1984-ին հաստատուած է Լոս Անճելոս, ուր շարունակած է կուսակցական եւ հասարակական գործունէութիւնը։
[dxcviii] Մարի Նորաշխարհեան։ Վարդան Եաղսըզեանի սկեսուրն էր։
[dxcix] Ձեռագիր։ Էջին ամենէն վարը, աջին՝ տէր եւ տիկին Մոլոյեաններու անգլերէն անունները տպագիր են։ Ինքնագիր։
[dc] Ձեռագիր։ Դարձերեսին ամենէն վարը, ձախին՝ Մոլոյեաններու անգլերէն հասցէն տպագիր է։ Ինքնագիր։
[dci] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcii] Պատգամաւորական Ժողով։
[dciii] Ժիրայր Նայիրի։
[dciv] Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ․ Սարգիսեան։
[dcv] Կիւրեղ Մանկրեանի ընտանիքը։
[dcvi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcvii] Ժան Աբոյեան։
[dcviii] Վարիչ Մարմին։
[dcix] Յարութիւն Սաղըրեան, Գրիգոր Խոտանեան։
[dcx] Յովսէփ Նալպանտեան (ծնած է 1959-ին՝ Հալէպ) – Բանասէր, ուսուցիչ, գրահրատարակիչ, մատենագէտ, հանրագիտակ։ Աւարտած է Հալէպի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպենկեան Կեդրոնական Վարժարանն ու Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքը։ Ուուցչագործած է ծննդավայրին, Աղեքսանդրիոյ եւ Լոս Անճելոսի հայկական դպրոցներուն մէջ։ Տիկնոջ հետ հիմնած է «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ը, որ մինչեւ 2024-ի աւարտը 100-է աւելի հատորներ լոյս ընծայած էր Ա․ Մ․ Ն․ի եւ Հ․ Հ․ի մէջ։
[dcxi] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcxii] Սեդրակ Աճեմեան – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի գործիչ, ձեռներեց։ Բազմիցս ընտրուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, որոշ ատեն՝ ատենապետ։ Հայրենադարձած է։ Վերջին տարիներուն՝ կուսակցութեան Հայաստանի Վարիչ Մարմնի ատենապետն է։
[dcxiii] Բնագիրին մէջ գրուած է «էին», որ սխալ է։
[dcxiv] Քնարիկ Սիմոնեան – Պէպօ Սիմոնեանի հօրեղբօր դուստրն է։ Հայրենիքէն ընտանեօք արտագաղթած է Լոս Անճելոս։
[dcxv] Սխալ հոլով գործածուած է։ Ճիշդն է՝ «Յիշեցինք նաեւ քեզ եւ Ազատուհին ալ»։
[dcxvi] Հաւանաբար Վահէ Աջապահեանն է։
[dcxvii] Յովհաննէս Ճերեճեան (1935-2015) – Լիբանանահայ լուսանկարիչ։ Ծանօթ էր իր լուսանկարչատան «Ֆոթօ Շիրազ» անունով։ Յովհաննէս Ճերեճեան (1935–2015) – Լիբանանահայ լուսանկարիչ։ Ծանօթ էր իր լուսանկարչատան «Ֆոթօ Շիրազ» անունով։
[dcxviii] Հայերէնին մէջ՝ որոշումը «կու տան», «կը կայացնեն»։
[dcxix] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcxx] Արփինէ Փեհլիւանեան (1934-2004) – Լիբանանահայ, ապա ամերիկահայ սոփրանօ երգչուհի։
[dcxxi] Ձեռագիր՝ չեխոսլովաքեան նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcxxii] Լիւտմիլա Մոտալովա (1935-1975) – Չեխ հայագէտ-թարգմանչուհի։ 1958-էն սկսեալ լոյս ընծայած է 20-րդ դարու հայ գրականութեան մասին 106 ուսումնասիրութիւն եւ երկու գիրք՝ «Հայ Գրականութիւն» (Փրակա, 1963, 193 էջ) եւ «Հայերէն Ժողովրդական Հեքիաթներ» (Փրակա, 1972, 188 էջ):
[dcxxiii] Այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ:
[dcxxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcxxv] Յարութիւն ծ․ վրդ․ Մուշեան խմբագիրն ու հրատարակիչն էր «Հայ Կեդրոն» տարեցոյցներուն, Պուէնոս Այրես, 1953-1973։
[dcxxvi] Թէոդիկ (Թէոդորոս Լափճինճեան, 1873-1928) – Բանասէր, խմբագիր, հրատարակիչ, հանրագիտակ։ Մեծ հռչակ նուաճեց իր պատրաստած ու հրատարակած «Ամէնուն Տարեցոյցը»-ի շարքով (1907-1923՝ Կոստանդնուպոլիս, 1924-1925՝ Փարիզ, 1926՝ Վենետիկ, 1927-1929՝ Փարիզ)։
[dcxxvii] «Ամէնուն Տարեգիրքը»-ի խմբագիր Կարօ Գէորգեան։
[dcxxviii] Յարութիւն ծ․ վրդ․ Մուշեան (1918-1990) – Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ։ 1952-էն մինչեւ վախճանիլը ծառայած է Պուէնոս Այրէսի մէջ՝ երկար տարիներ իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ եւ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ, Ազգ․ Արսլանեան Վարժարանի (1967-էն՝ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթական Հաստատութիւն) տնօրէն։ Խմբագրած է «Նոր Հաճըն» ամսաթերթը եւ «Հայ Կեդրոն» տարեգիրքերը։ Հեղինակ է մայրենիի եւ կրօնի դասագիրքերու, բանաստեղծական հատորներու եւ թատերգութիւններու:
[dcxxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcxxx] Հոս եւ նամակագիրի ուրիշ գրութեանց մէջ բայի ճիշդ ձեւն է՝ «պարգեւել»:
[dcxxxi] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է «կը ներկայացնէ»։
[dcxxxii] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Նոյն տուեալներով ձեւաթուղթի վրայ հեղինակուած են յաջորդ երկու՝ 18 Մարտ 1957 եւ 17 Յուլիս 1958 թուակիր նամակները: Բնագիր։
[dcxxxiii] Նամակագիրին եղբայրը՝ հնչակեան ղեկավար գործիչ Պետրոս Մուշեան։
[dcxxxiv] Ձեռագիր՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcxxxv] Նկատի ունի Վարդան Գէորգեանը (1893-1979) – Բանաստեղծ, հրապարակագիր, Հ․ Յ․ Դ․ի եւ կրթական գործիչ, Գարեգին Նժդեհի յուշերու հրատարակիչ։ 1930-ականներուն եղած է Պէյրութի Ազգ․ Ս․ Նշան Վարժարանին, 1938-1957-ին՝ Պուէնոս Այրեսի Ազգ․ Արսլանեան Վարժարանի տնօրէնը։ Պաշտօնէն հրաժարած է «առողջական պատճառներով»
[dcxxxvi] Ձեռագիր՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի եւ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcxxxvii] Յարութիւն վրդ․ Մուշեան, «Ծաղկեալ Հայաստան», Պուէնոս Այրես, 1956, 342 էջ։
[dcxxxviii] Նկատի ունի համայնավարական ուղղութեան Արժանթինահայ Մշակութային Միութեան շրջանակը։
[dcxxxix] Շարադրանքն այսպէս անհարթ է բնագիրին մէջ:
[dcxl] Գ․ Յակոբեանի ««Ծաղկեալ Հայաստան»» վերնագրուած գրախօսականը լոյս տեսած է «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի 24-րդ տարի, թիւ 7, Յուլիսի համարին մէջ, էջ 192-194
[dcxli] Նկատի ունի Լիբանանի 1958-ի Մայիսին ծագած քաղաքացիական պատերազմը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ տարեվերջ՝ եղբայրասպանութեամբ վերջ տալով աւելի քան 70 լիբանանահայոց կեանքին։
[dcxlii] Ձեռագիր՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ: Նոյն տուեալներով ձեւաթուղթի վրայ հեղինակուած են մինչեւ 14 Օգոստոս 1967 թուակիր նամակները՝ բացի 16 Մարտ 1966 եւ 4 Մարտ 1967 թուակիրներէն: Ինքնագիր։
[dcxliii] Նկատի ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա․ Փայասլեանը (1915-1963, կաթողիկոս՝ 1956-1963)։
[dcxliv] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթի եւ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcxlv] Նկատի ունի նորապսակ տէր եւ տիկին Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեանները։
[dcxlvi] Հաւանաբար նկատի ունի դաշնակցականները:
[dcxlvii] Պուէնոս Այրեսի Խրիմեան Վարժարանը գտնուած է Հ․ Յ․ Դ․ի աղդեցութեան տակ։
[dcxlviii] Գոնթրաթ – Պայմանագիր (եւրոպական լեզուներ)։
[dcxlix] Կարապետ եւ Մանուկ Վարդանեաններ։
[dcl] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcli] Սիպիլ (Զապէլ Խանճեան-Ասատուր, 1863-1934) – Պոլսահայ գրագիտուհի, կրթական եւ հասարակական գործիչ, ամուսինին՝ Հրանդ Ասատուրի հետ՝ դասագիրքերու համահեղինակ:
[dclii] Բաբգէն եպս. Ապատեան (1917-1978) – Արժանթինի թեմի առաջնորդ եւ Հարաւային Ամերիկայի հայրապետական պատուիրակ։
[dcliii] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcliv] Յարութիւն ծ․ վրդ․ Մուշեան, «Աշխարհագրութիւն․ Արդի Հայաստան», տպարան «Սեւան», Պէյրութ, 1964, 108 էջ։
[dclv] Գրող, խմբագիր, մանկավարժ, հրատարակիչ Սիմոն Սիմոնեան։
[dclvi] Ձեռագիր՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dclvii] Տիկին Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեան «Երիտասարդ Հայուհի»ին սկսած է աշխատակցիլ 1966-ի Մարտի թիւէն (ԺԵ․ տարի, թիւ 3) մինչեւ պարբերականի վերջին թիւը՝ ԺԷ․ տարի, թիւ 12, Դեկտեմբեր 1968, ընդհանուրը՝ 10 հրապարակում
[dclviii] Զապէլ Յովհաննէսեան-Եսայեան (1878-1943) – Պոլսահայ, հետագային հայրենադարձ ու բռնադատուած գրիագիտուհի եւ հասարակական գործիչ։
[dclix] AOKS – Արտասահմանեան Երկրների Հետ Բարեկամութեան Եւ Մշակութային Կապերի Հայկական Ընկերութեան ռուսերէն անուան յապաւումն է։
[dclx] Գնէլ եպս․ Ճերեճեան եւ Յարութիւն Ճերեճեան։
[dclxi] Նամակագիրին եղբայրը՝ Պետրոս Մուշեան։
[dclxii] 1967-ի սկիզբին ամբողջ հայաշխարհը մատնուեցաւ խռովքի, երբ Լոնտոնի «Սոթպիզ» աճուրդի տան մէջ վաճառքի դրուեցան Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ձեռագրատունէն գողցուած միջնադարեան ձեռագիր մատեաններ։ Գողութեան կասկածը կեդրոնացաւ պատրիարք Եղիշէ արք․ Տէրտէրեանի եւ սաղիմաբնակ կարգ մը միաբաններու վրայ։ Գայթակղութիւնը վերջ գտաւ երբ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի նախագահ Ալեք Մանուկեան փրկագնեց ձեռագիրները եւ զանոնք վերադարձուց պատրիարքարանի ձեռագրատուն։
[dclxiii] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի հայերէն եւ սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dclxiv] Ակնարկութիւնը թեմակալ առաջնորդ Բաբգէն արք․ Ապատեանին է։
[dclxv] Սիլիկ եարըշը – Թրքերէն արտայայտութիւն՝ փառամոլութեան մրցավազքի մէջ մէկը միւսին գերազանցելու իմաստով։
[dclxvi] Տիկին Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեան հրաւիրուած էր բանախօսելու Դպրոցասէր Տիկնանց Միութեան տարեկան ձեռնարկին՝ նուիրուած Համբարձման տօնին եւ Մայրերու օրուան։ Բանախօսութիւնը լոյս տեսած է «Երիտասարդ Հայուհի»ի ԺԶ․ տարի, 1967, թիւ 5, Մայիսի համարին մէջ, էջ 22-27։
[dclxvii] Զեփիւռ – Պէյրութի Ազգ․ Ռուբինեան Վարժարանի ուսուցչուհիներէն, հետագային հաստատուած է Պուէնոս Այրես։
[dclxviii] O. S. J. – Order of Saint James բառերուն յապաւումն է: Սխալմամբ տպուած է A. S. J.: Այս նամակի պարագային՝ Մուշեան A.ի վրան ձեռագիրով գրած է O.: Միւս նամակներուն մէջ այս ուղղումը չէ կատարուած: Որոշ նամակներ այս վերտառութիւնը չունին․ այդ մասին նշած ենք իրենց տեղին:
[dclxix] Ձեռագիր՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի նոր՝ բացառապէս սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dclxx] Ձեռագիր՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի՝ բացառապէս սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր երկու ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dclxxi] Պէպօ Սիմոնեան, «Նախերգանք (Քերթուածներ)», տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 1968, 68 էջ։
[dclxxii] 1 թուանշանը ընդգծուած է երեք զուգահեռ գիծերով։
[dclxxiii] Բառը ընդգծուած է երկու զուգահեռ գիծերով։
[dclxxiv] Շարադրանքն այսպէս կիսատ է բնագիրին մէջ
[dclxxv] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի՝ բացառապէս սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի եւ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dclxxvi] Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, Հայաստանի ազգային առաջին հերոս Վազգէն Ա․ Պալճեան (1908-1994, կաթողիկոս` 1955-1994):
[dclxxvii] Ձեռագիր՝ արժանթինեան նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dclxxviii] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի՝ բացառապէս սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dclxxix] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի՝ բացառապէս սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dclxxx] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի սպաներէն նոր վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dclxxxi] Խօսքը կը վերաբերի Պէպօ Սիմոնեանի կրտսեր եղբօր՝ Գրիգոր Գալայճեանի համալսարանական ուսման։
[dclxxxii] Խօսքը կը վերաբերի Արժանթինին։
[dclxxxiii] Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Նուպարեան-Ալեք Մանուկեան Վարժարան (Մոնթէվիտէօ)։
[dclxxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dclxxxv] Լորիս Մուշեան-Մուշեան, Ստեփան Մուշեան եւ Մատլէն Մուշեան-Գարլոզեան։
[dclxxxvi] Նամակագիրը նկատի ունի ծանր հիւանդութենէ մը տիկին Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեանի բուժուիլը։
[dclxxxvii] Յունուար:
[dclxxxviii] Տուտու – Մեծահասակ կանանց տրուող թրքերէն պատուանուն։ Հոս՝ հաւանաբար Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի եւ Պետրոս Մուշեանի մայրն է։
[dclxxxix] Նոյեմի – Յարութիւն ծ․ վրդ․ Մուշեանի եւ Պետրոս Մուշեանի քրոջ դուստրը։
[dcxc] Կիւզելիմ – Գեղեցիկ (թրքերէն)։
[dcxci] Աւետիս Մուշեան – Յարութիւն ծ․ վրդ․ Մուշեանի եւ Պետրոս Մուշեանի եղբայրը։
[dcxcii] Սիրվարդ, Նանա – Յարութիւն ծ․ վրդ․ Մուշեանի եւ Պետրոս Մուշեանի քրոջ դուստրերը։
[dcxciii] Գրամեքենագրուած են վերտառութիւնն ու նամակը։ Բնագիր։
[dcxciv] Գէորգ ծ․ վրդ․ Կարպիսեան (1930-1978) – Կիլիկիոյ Աթոռի, 1960-ականներու սկիզբէն՝ Մայր Աթոռի միաբան, Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի դպրոցներուն մէջ հայոց պատմութեան ուսուցիչ։
[dcxcv] Սեդրակ քահանայ Խաչատուրեան։
[dcxcvi] Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Մարի Մանուկեան Վարժարան (Պուէնոս Այրես)։
[dcxcvii] Ազատուհի Սաչեան-Գալայճեան/Սիմոնեանի քոյրերէն Արուսեակ Սաչեան-Պաղսարեան։
[dcxcviii] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի միայն սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր նոր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcxcix] Տիգրան Միւրէքեան (? – 1986) – Արժանթինահայ բարերար, կրթական եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու խրախուսման՝ իր անունով կոչուած հիմնարկութեան հիմնադիր-նախագահը։
[dcc] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի միայն սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcci] Գէորգ Մարաշլեան – Արժանթինահայ, ապա ամերիկահայ կուսակցական, կրթական եւ հասարակական գործիչ։ Աւարտած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։ Հետագային ստանձնած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Պուէնոս Այրեսի Մարի Մանուկեան Վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։ 1980-ականներու վերջին հաստատուած է Ուոթըրթաուն, Ա․ Մ․ Ն․, վարած Թ․ Մ․ Մ․ի Ա․ Մ․ Ն․ի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարութեան գործադիր քարտուղարի, ապա փոխնախագահի պաշտօնը, աշխատած Ռ․ Ա․ Կ․ի «Տը Արմինեըն Միրըր-Սփեքթեյթըր» շաբաթաթերթի գործադիր քարտուղար, մասնակցած տարածաշրջանին մէջ Ռ․ Ա․ Կ․ի գործունէութեանց։
[dccii] Պեխապէր – Անտեղեակ (պարսկերէն):
[dcciii] Գրամեքենագրուած՝ Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեանի միայն սպաներէն վերտառութեամբ տպագիր եւս մէկ նոր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcciv] Գրամեքենագրուած՝ «Նոր Հաճըն» պարբերաթերթի՝ տուեալները միայն սպաներէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dccv] Գիսակ արք․ Մուրատեան (ծնած է 1951-ին՝ Հալէպ) – 1980-2022-ին Արժանթինի թեմի առաջնորդ եւ Հարաւային Ամերիկայի հայրապետական պատուիրակ։
[dccvi] Գրամեքենագրուած՝ «Նոր Հաճըն» պարբերաթերթի՝ տուեալները միայն սպաներէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dccvii] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է՝ «տքնաժամային»:
[dccviii] Էմ․ Էյ․ – Մագիստրոս Արուեստից (անգլերէնի յապաւում)։
[dccix] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «այսուհետ»։
[dccx] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ «Սրտանց» բառէն մինչեւ «կեանքում» բառը ներառեալ՝ տպագիր է։ Ինքնագիր։
[dccxi] Սուրէն Մուրատեան (1930-2020)- Հայրենի բանաստեղծ, թատերագիր, մանկագիր, լրագրող, խմբագիր, թարգմանիչ, դասախօս։ Երկար տասնամեակներ աշխատած է տարբեր թերթերու եւ «Արեւիկ» հրատարակչութեան խմբագրութիւններուն մէջ։
[dccxii] Ձեռագիր՝ փոքր չափի սովորական երկու թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dccxiii] Ճիշդ բայն է՝ պարգեւեց։
[dccxiv] Հայկական Ընթերցասրահ։
[dccxv] Ձեռագիր: Էջին վերը, ձախին, տպուած է Հաղարծինի վանական համալիրի գլխաւոր եկեղեցւոյ լուսանկարը, տակը տպուած ․․․ «Հաղարծինի աւագ խորանը – Altar of the main church in Haghartsin»: Իսկ էջին ամենէն վարը տպուած է. «Փրկեցէք հայկական յուշարձանները – Save the Armenian Monuments»: Ինքնագիր։
[dccxvi] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «արտայայտել կարենալու»։
[dccxvii] Ձեռագիր՝ իրանական նամակային բացիկի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxviii] Յովհաննէս Մարդ (Յովհաննէս Մարգարեան, 1890-1972) – Իրանահայ բանաստեղծ, թարգմանիչ: 1900-1929-ին ապրած է Թիֆլիսի մէջ, ապա վերադարձած Պարսկաստան։ Բանաստեղծութիւններով աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին։ Իր թարգմանութեամբ լոյս ընծայած է համաշխարհային բանաստեղծութենէն երկու, իրանեան բանաստեղծութենէն մէկ հատոր։
[dccxix] Ձեռագիր՝ նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxx] Համակարգչային շարուածք՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի անուան հայերէնի եւ հասցէի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի եւ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dccxxi] Հրաչ Չիլինկիրեան Պէպօ Սիմոնեանի Մարի Սաչեան-Չիլինկիրեան քենիի (ծանօթ է «Հերոս Մարի» անունով) որդին է։
[dccxxii] Էլեկտրոնային նամակ՝ տպուած սովորական թուղթի վրայ։
[dccxxiii] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Ֆրանսերէն հատուածը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[dccxxiv] 1948-էն Հայկ Ժամկոչեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Ջահակիր»ը 1963-էն շարունակուած էր շաբաթական պարբերականութեամբ։ Խմբագիր եւ հրատարակիչ՝ Սարգիս Պալայեան։
[dccxxv] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։
[dccxxvi] Նկատի ունի Գահիրէի՝ հնչակեան ազդեցութեան շրջանակ եղող Հայկական Ընթերցասրահը։
[dccxxvii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dccxxviii] Վիսենթէ Լոբես – Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնո Այրեսի արուարձաններէն։
[dccxxix] Ձեռագիր՝ Արշամ աւագ քահանայ Պոզոյեանի անուան եւ պաշտօնին միայն հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ: Էջին վերը, աջին, տպագրուած է նաեւ շնորհաւորանքը։ Ինքնագիր։
[dccxxx] Արշամ աւագ քահանայ Պոզոյեան (1925-2005) – Եկեղեցական եւ կրթական գործիչ։ 1944-ին աւարտած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։ Ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուած է 1962-ին՝ Գահիրէի մէջ։ Ուսուցիչի եւ տնօրէնի պաշտօններ վարած է Թրիփոլիի, Գահիրէի եւ Վիսենթէ Լոբեսի մէջ, ընդ որուն՝ 1962-1969-ին՝ Գահիրէի Ազգ․ Գալուստեան Վարժարանի եւ 1969-էն մինչեւ վախճանումը՝ Վիսենթէ Լոբեսի Ազգ․ Վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Եղած է Վերջին քաղաքի Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ առաջին քահանան։
[dccxxxi] Ձեռագիր։ Էջին ձախ կողմը, վերէն վար, 8 ծաղիկներու գեղանկար է պատկերուած։ Ինքնագիր։
[dccxxxii] Անի Պուճիգանեան – Լիբանանահայ ընկերային ծառայող, հասարակական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ դեղագործ։ Եղած է Լիբանանի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան ատենապետուհի, Համախարբերդցիական Հայրենակցական Միութեան ատենադպրուհի։ Հասարակական գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կարգ մը կառոյցներուն մէջ։
[dccxxxiii] Գրամեքենագրուած՝ բացիկի երկու էջի վրայ։ Բնագիր։
[dccxxxiv] Նկատի ունի «Գարուն» գրական ամսագիրը։
[dccxxxv] Նկատի ունի Երեւանի համալսարաններուն մէջ ուսանող սփիւռքահայ հնչակեանները։
[dccxxxvi] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxxxvii] Դամասկոսի թեմը 1929-ին Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը փոխանցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ 1950-ականներու կէսին Կիլիկիոյ Աթոռը Հ․ Յ․ Դ․ի հովանիին տակ յայտնուելով, մեծ մասամբ հակադաշնակցականներէ եւ չէզոքներէ կազմուած դամասկահայ գաղութը մերժեց ընդունիլ Անթիլիասէն ղրկուած եկեղեցականի մը առաջնորդութիւնը, ինչը պատճառ դարձաւ տասնամեակներ տեւած տագնապի, որ երբեմն կը ստանար սուր բնոյթ՝ ներառելով նաեւ սուրիական իշխանութիւնները։ 1956-էն առ այսօր թեմի փաստական առաջնորդութիւնը կը վարեն Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնին հաւատարիմ կամ անոր միաբան հոգեւորականներ։
[dccxxxviii] Նկատի ունի հնչակեանները, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունին դամասկահայ գաղութին մէջ։
[dccxxxix] Վարուժան Սալաթեան (? – 2010) – Դամասկահայ հասարակական գործիչ, քաղաքաշինարար երկրաչափ, հասարակական գործիչ, բարերար, Սուրիոյ Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։ Համահիմնադիրներէն է 1955-ին Հալէպի մէջ ստեղծուած, կոմունիստամէտ Ազգային Մշակութային Միութեան։ Հսկայաքանակ նուիրատուութիւններ կատարած է Երեւանի Մատենադարանին եւ Հայաստանի գիտական հաստատութիւններուն։
[dccxl] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxli] Ձեռագիր՝ մարոքեան նամակային տոմսի վրայ։ Ձախ կողմը պատկերուած են կտուցին նամակային տոմս բռնած թռչուն, անոր տակը՝ քանի մը արմաւենիներ: Ինքնագիր:
[dccxlii] Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ Տիրան Ակինեան։
[dccxliii] Կարօ Սարաֆեան (1910-ական թուականներու երկրորդ կէս – 1986) – Լիբանանահայ խմբագիր, հասարակական գործիչ: 1930-ականներու առաջին կէսին եղած է Անթիլիասի դպրեվանքի առաջին ուսանողներէն։ 1950-էն 1962 եղած է «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ։ Թերթէն հեռանալէ ետք 1962-ին Պէյրութի մէջ լոյս ընծայեց «ՌԱԿ-ի Կեդրոնի Մակաբոյծները» գրքոյկը (84 էջ) իբրեւ «Մատենաշար իրաւ ռամկավարներու թիւ 1» հրատարակութիւնը։
[dccxliv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxlv] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxlvi] Ձեռագիր՝ սովորական, առաջին երեսները գծաւոր երկու թուղթի չորս էջերու վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxlvii] Աստղանիշով, էջի ձախ լուսանցքին գրուած է. Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժ. 75 աշակերտուհի։
[dccxlviii] Ս․ Ս․ – Սարգիս Սողանալեան։
[dccxlix] Շահէ արք․ Աճեմեան (1926-2005) – Նախապէս Կիլիկիոյ Աթոռի, նամակի հեղինակման շրջանին՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ուխտի, ապա Մայր Աթոռի միաբանութեան անդամ։
[dccl] Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչներ Մանուէլ Ադամեան եւ Ժիրայր Նայիրի։
[dccli] Միհրան Աւագեան։
[dcclii] Ձեռագիր՝ սովորական, առաջին երեսները գծաւոր երկու թուղթի չորս էջերու վրայ։ Ինքնագիր։
[dccliii] Յովհաննէս Հաննէսեան։
[dccliv] Ժան Աբոյեան։
[dcclv] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի չորս էջերու վրայ։ Ինքնագիր։
[dcclvi] Վարդան Եաղսըզեան, Ասատուր Կիւլվարդեան։
[dcclvii] Սեդրակ Աճեմեան։
[dcclviii] Ճիշդ հոլովումն է՝ «զիրար»։
[dcclix] Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յակոբ Պէրպէրեան։
[dcclx] Տոքթ․ Արշակ Գազանճեան։
[dcclxi] Վահէ Աջապահեան։
[dcclxii] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcclxiii] Աւետիս Տեմիրճեան։
[dcclxiv] Միհրան Աւագեան։
[dcclxv] Ռըքորտ – Մրցանիշ (անգլերէն)։
[dcclxvi] Ռէկոլա – Կարգաւորուած ընթացք (ժողովրդախօսակցական)։
[dcclxvii] Դոկտ․ Կարպիս Տէր Եղիայեան։
[dcclxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcclxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcclxx] Թեզիս – Դրոյթ (ռուսերէն):
[dcclxxi] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcclxxii] Ասատուր Սաչեան (շուրջ 1880-1968) – Պէպօ Սիմոնեանի աներն է։ Մասնակցած է Հաճընի 1920-ի ինքնապաշտպանութեան։ Շրջանակին մէջ ծանօթ էր «Հերոս» պատուանունով։
[dcclxxiii] Միսիա – Առաքելութիւն (ռուսերէն)։
[dcclxxiv] Սեդրակ Շահէն, «Հայաստանի Հոյակապ Նուաճումները․ Ականատեսի Վկայութիւններ», Պէյրութ, 1965, 80 էջ։
[dcclxxv] Վիքթոր Համբարձումեան (1908-1996) – Աշխարհահռչակ աստղագէտ, 1947-1993-ին՝ Հ․ Խ․ Ս․ Հ․ի Գիտութիւններու Ակադեմիայի նախագահ, ապա մինչեւ մահը՝ պատուաւոր նախագահ, Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի եւ ուրիշ երկիրներու ակադեմիաներու անդամ, Հայաստանի ազգային հերոս:
[dcclxxvi] Նագուշ Յարութիւնեան (1912-1993) – Թեքնիք գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ակադեմիկոս, 1962-1975-ին՝ Հ․ Խ․ Ս․ Հ․ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահ:
[dcclxxvii] Գրիգոր Խաչերեան – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի ղեկավարներէն։ Պէպօ Սիմոնեանէն առաջ, 1956-1966-ին եղած է Ազգ․ Ռուբինեան Վարժարանի տնօրէնը։
[dcclxxviii] Ս․ Շահէն – (Սեդրակ Շահինեան, 1887-1975) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, թատերագիր, հրապարակագիր։
[dcclxxix] Այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ: Միւս նամակներու պարագային սխալը ուղղուած է՝ Liban: Նամակագիրին ու ստացողին հասցէները միշտ գրուած են միւս նամակներուն մէջ, ուստի զանց ըրած ենք միւսներու պարագային:
[dcclxxx] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcclxxxi] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։ Վատ պատճէնահանման պատճառով՝ թուականը անընթեռնելի է։ Լոս Անճելոսի նամակատան կնիքը կը կրէ նշուած թուականը։
[dcclxxxii] Պէպօ Սիմոնեանի մայրը՝ Ովսաննա Գալայճեանը մահացած էր ․․․ չորս տարի առաջ՝ 1964-ին։
[dcclxxxiii] Գիրքին ճիշդ վերնագիրն է՝ «Նախերգանք․ Քերթուածներ»։
[dcclxxxiv] Սեդրակ Շահէն, «Քար Թորոսը», տպարան «Տօնիկեան», Պէյրութ, 1967, 50 էջ։
[dcclxxxv] Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան (1893-1970) – Հայրենի հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր։
[dcclxxxvi] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcclxxxvii] Ստեփան Սապահ-Գիւլեան։
[dcclxxxviii] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcclxxxix] Այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ: Հաւանաբար պէտք է գրուէր՝ քամերա:
[dccxc] Պէպօ Սիմոնեան Ասատուր Սաչեանի փեսան է՝ անոր Ազատուհի դստեր ամուսինը։
[dccxci] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։ Վայր եւ թուական չեն նշուած։ Ամերիկեան նամակատան կնիքը կը կրէ նշուած թուականը։
[dccxcii] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Շնորհաւորանքը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[dccxciii] Կարէն Սիմոնեանի «Ներսէս Մաժան Դեղագործը» գիտա-երեւակայական վէպը հայերէնով լոյս տեսաւ 1974-ին, Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութենէն, 358 էջ։
[dccxciv] Անահիտը Կարէն Սիմոնեանի տիկինն է, Նուարդն ու Լիլիթը՝ դուստրերը։
[dccxcv] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxcvi] Կատակային ակնարկութիւնը Գալայճեաններու երկրորդ զաւակ ունենալ սպասելուն։ Խորհրդային ժամանակաշրջանին, 10 զաւակ ունեցող կանայք կը պարգեւատրուէին «Հերոսուհի մայր» կոչումով, որ անոնց որոշ առաւելութիւններ կը շնորհէր։
[dccxcvii] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccxcviii] Հոս եւ հետագայի նամակներուն մէջ՝ ռուսաբանութիւն է: Հայերէնն է՝ «պատահեց», «եղաւ»:
[dccxcix] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccc] Ձեռագիր՝ Կարէն Սիմոնեանի հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Հայերէնի ձախին Սարդարապատի յուշահամալիրի զանգակատան եւ երկու հանդիպակաց ցուլերու ուրուանկարն է։ Ինքնագիր։
[dccci] Խորէն Աբրահամեան (1930-2004) – Հայրենի ականաւոր դերասան եւ բեմադրիչ։
[dcccii] Ալֆոնս Ադդարեան։ Աւելի ծանօթ է Արմէն Դարեան գրական անունով։
[dccciii] Արշօ Քէօշկերեան-Թիւթիւնճեան։
[dccciv] Ձեռագիր՝ Կարէն Սիմոնեանի հայերէն եւ անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Հայերէնի ձախին Սարդարապատի յուշահամալիրի զանգակատան եւ երկու հանդիպակաց ցուլերու ուրուանկարն է։ Ինքնագիր։
[dcccv] Ակնարկութիւն հայրենի քաղաքական գործիչ Պարոյր Հայրիկեանին (ծնած է 1949-ին)։
[dcccvi] Պորիս Փասթերնաք (1890-1960) – Ռուս արձակագիր, բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ երաժշտահան։
[dcccvii] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Վերջաւորութեան՝ Գրիգորին ուղղուած երկտողը ձեռագիր է։ Բնագիր։
[dcccviii] Հաւանաբար Գրիգոր Գալայճեանն է՝ Պէպօ Սիմոնեանի հարազատ եղբայրը:
[dcccix] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական երեք թուղթի վեց էջերու վրայ։ Բնագիր։
[dcccx] Դերանունը այսպէս է բնագիրին մէջ։ Նամակին մէջ հանդիպող արեւմտահայերէն բառերն ու արտայայտչաձեւերը եւս բնագրային են։ Բացատրութիւնը կարդալ նամակի հետագայ տողերուն մէջ։
[dcccxi] Նկատի ունի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութիւնները Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ 1969-ի աշնան։
[dcccxii] Կարէն Սիմոնեան 1968-ին ազատուած էր «Հայաստան» հրատարակչութեան խմբագրութեան վարիչի պաշտօնէն, զոր կը զբաղցնէր 1960 թուականէն։
[dcccxiii] 1977-էն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ 1995-էն Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Սարգիսեան (1932-1999)։
[dcccxiv] 1974-1988-ին Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի առաջին քարտուղար Կարէն Դեմիրճեան (1932-1999), ՀԽՍՀ-ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահներ՝ 1975-1985-ին Բաբգէն Սարկիսով (1913-1999) եւ 1985-1990-ին Հրանդ Ոսկանեան (1924-2005)։
[dcccxv] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։
[dcccxvi] 9 Ապրիլ 1989-ին խորհրդային զօրքերը արեան մէջ խեղդեցին Վրաստանի մայրաքաղաք Թպիլիսիի մէջ անկախական ցոյցերը՝ սպանելով 21 հոգի եւ հարիւրաւորներ վիրաւորելով։
[dcccxvii] Լէոնիտ Իլիչ Պրեժնեւ (1906-1982) – 1964-1982-ին Խորհրդային Միութեան Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար, 1977-1982-ին Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահ:
[dcccxviii] Émancipation – Ազատագրութիւն (ֆրանսերէն)։
[dcccxix] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական երկու թուղթի չորս էջերու վրայ։ Բնագիր։
[dcccxx] Վերա Ալեքսանտրովնա Տաւիտովա (1906-1993)։
[dcccxxi] Փաւել Անաթոլեւիչ Սուտոփլաթով (1907-1996) – Խորհրդային հետախուզութեան մէջ ղեկավարած է տարբեր գործողութիւններ, ինչպէս Սթալինի մրցակից Լեւ Տաւիտովիչ Թրոցքիի սպանութիւնը Մեքսիքոյի մէջ, ամերիկեան հիւլէական զէնքի վերաբերեալ տեղեկութիւններու եւ փաստաթուղթերու ձեռքբերումը:
[dcccxxii] Լիւպեանքա – Հրապարակ Մոսկուայի մէջ։ Ժողովրդային շրջանակներու մէջ այս անունով ծանօթ է Խ․ Ս․ Հ․ Մ․ի Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի ու անոր յաջորդած՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան կեդրոնակայանը։
[dcccxxiii] Էմիգրացիա – Վտարանդիութիւն (ռուսերէն)։
[dcccxxiv] Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար»՝ հեղինակի բնորոշմամբ՝ հեքիաթ-տրաման հրատարակուած է 1923-ին։ Թատերգութեան հիման վրայ 1940-ին նկարահանուած է համանուն շարժանկարը։
[dcccxxv] Տոտալիտար – Ամբողջատիրական (եւրոպական լեզուներ)։
[dcccxxvi] Այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ: Հաւանաբար պէտք է ըլլայ «յետեւէն»։
[dcccxxvii] Միխայիլ Աֆանասեւիչ Պուլկաքով (1891-1940) – Ռուս գրող, թատերագիր։ Մասնագիտութեամբ՝ բժիշկ:
[dcccxxviii] Տեքստիլ – Հիւսուածեղէն (եւրոպական լեզուներ)։
[dcccxxix] Եալանչի – Լարախաղացին ուղեկցող հտպիտ (թրքերէն)։
[dcccxxx] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcccxxxi] Համակարգչային շարուածք՝ Կարէն Սիմոնեանի՝ էջին ամենէն վերի ձախ անկիւնը միայն ֆրանսերէն վերտառութեամբ կնիքով ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcccxxxii] Եոզեֆ Ալոյզիոս Ռացինկեր (1927-2022) – 1977-2002-ին՝ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քարտինալ, 2005-2013-ին՝ Հռոմի պապ Պենետիքթոս ԺԶ․։
[dcccxxxiii] Ձեռագիր՝ Մարտիրոս Սարեանի մէկ գեղանկարով տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcccxxxiv] Հենրիկ Սմբատեան – Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասախօս, 1995-էն՝ նոյնի փոխտնօրէն (1934-2015)։
[dcccxxxv] Ձեռագիր՝ Ստեփան Սվաճեանի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcccxxxvi] Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան (կազմող-խմբագիրներ), «Յուշամատեան Մուսա Լերան», հրատարակիչ՝ Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութիւն, տպարան «Ատլաս», Պէյրութ, 1970, 877 էջ։
[dcccxxxvii] Մեւլան զատէ Ռիֆաթ, «Օսմանեան Յեղափոխութեան Մութ Ծալքերը», «Կայծ»ի հրատարակութիւն, տպարան «Կ․ Տօնիկեան», Պէյրութ, 1938, 539 էջ։
[dcccxxxviii] Գերսամ Ահարոնեան։
[dcccxxxix] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcccxl] Պատճէնահանման ատեն մէկ տող բաց ձգուած է։
[dcccxli] Նորա Նաճարեան – Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանի եղբօր դուստրը։
[dcccxlii] Դոկտ․ Վազգէն Բարսեղեան։
[dcccxliii] Մօրուս Հասրաթեան։
[dcccxliv] Այս հասցէները կը հանդիպին նաեւ միւս նամակային ծրար-թուղթերուն մէջ, ուստի զանց կ’ընենք զանոնք կրկնել։
[dcccxlv] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcccxlvi] American University of Beirut (Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան)։
[dcccxlvii] Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի հիմնած կրթական «Մասնաւոր Յանձնախումբ»ն է։
[dcccxlviii] Գոհար Գասպարեան (1924-2007) – Եգիպտոսէն հայրենադարձ, աշխարհահռչակ սոփրանօ երգչուհի։ Ելոյթներ ունեցած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու օփերաներուն եւ համերգասրահներուն մէջ։ Արուեստաբաններուն եւ հայ ժողովուրդին կողմէ արժանացած է «Հայաստանի Սոխակ» պատուաւոր կոչումին։
[dcccxlix] Ձեռագիր՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dcccl] Հոգեբան Սեթ Արսէնեան։
[dcccli] Դոկտ․ Վազգէն Բարսեղեան։
[dccclii] Պատճէնահանման ատեն մէկ տող բաց ձգուած է
[dcccliii] Պատճէնահանման ատեն 3-4 բառ բաց ձգուած է։
[dcccliv] Տիգրան Վարժապետեան (1913-1977) – Լիբանանահայ բժիշկ, պատմուածքագիր եւ հասարակական գործիչ։ Ղեկավար պաշտօններ զբաղցուցած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի մարմիններուն, մասնաւորաբար Կրթական Յաձնախումբին մէջ։
[dccclv] Նկատի ունի արաբ-իսրայէլեան 1967-ի յունիսեան վեցօրեայ պատերազմին յաջորդած վտանգաւոր վիճակը Միջին Արեւելքի մէջ։
[dccclvi] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccclvii] Ն. Ս. Մ. Մ.-ի Վարչութեան ատենապետ Կարօ Պաղսարեան։
[dccclviii] Ձեռագիր՝ Ստեփան Սվաճեանի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր երկու ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccclix] 1894-1896-ի ապտուլհամիտեան ջարդերուն ու Մեծ Եղեռնին իր ընտանիքին մեծագոյն մասը կորսնցուցած ճարտարագէտ Գուրգէն Եանիկեան (1895-1984) 27 Յունուար 1973-ին Մեծն Լոս Անճելոսի արուարձան Սանթա Պարպարա քաղաքի մէկ պանդոկին մէջ զգետնեց Լոս Անճելոսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսն ու անոր տեղակալը՝ յայտարարելով «հայ անհատին պատերազմը թուրքին դէմ»։
[dccclx] «Ժողովուրդի» բառը գրուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ:
[dccclxi] Բնագիրին մէջ հոս եւ յետոյ գրուած է՝ «քրքրել», «քրքրիչ»:
[dccclxii] Instinct – Բնազդ (եւրոպական լեզուներ):
[dccclxiii] Այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ:
[dccclxiv] Նամակագիրին, մեղմ արտայայտուած՝ սարսափը թուրքէն զայն մղած էր նաեւ նամակ գրելու Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանին՝ յորդորելով յետաձգել կամ չեղարկել Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի՝ 1973-ի գարնան նախատեսուած հայրապետական այցը Ա․ Մ․ Ն․։ Խորհրդային իշխանութիւններու յորդոր-պարտադրանքով, այցը «յետաձգուեցաւ» վեհափառ հօր իբրեւ թէ «առողջական վիճակին պատճառով․․․»։
[dccclxv] Ձեռագիր՝ բացիկի վրայ։ Անգլերէն մէջբերումը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[dccclxvi] «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ» – Բարեսիրական կազմակերպութիւն։ Հիմնած է Վարդան Հ․ Ճինիշեանը 1966-ին՝ ի յիշատակ իր ծնողաց։ Կը գործէ Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Հիմնականին մէջ կը մատուցէ առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններ։
[dccclxvii] Այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ: Հաւանաբար պէտք է ըլլայ «Men Bonding»:
[dccclxviii] Արսէն Ճերեճեան։
[dccclxix] Ձեռագիր՝ Բերկրուհի Սվաճեանի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccclxx] Հոս եւ յետոյ շարադրանքը բնագիրին մէջ տեղ-տեղ կը կաղայ:
[dccclxxi] Յակոբ Եահիայեան՝ Ստեփան եւ Բերկրուհի Սվաճեաններու Սիլվա դստեր ամուսինը։
[dccclxxii] Flexible – Ճկուն (անգլերէն):
[dccclxxiii] Սթեֆանի – Յակոբ եւ Սիլվա Եահիայեաններու դուստրը։
[dccclxxiv] Թալին եւ Վիգէն Նաճարեաններ – Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանի եղբօր զաւակներն են։
[dccclxxv] Ձեռագիր՝ Բերկրուհի Սվաճեանի անգլերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի եւ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[dccclxxvi] Prekindergarten – Մանկամսուր (անգլերէն):
[dccclxxvii] Conservatory – Երաժշտանոց (անգլերէն):
[dccclxxviii] Ձեռագիր՝ մէկ էջը Յիսուս Մանուկի ծննդեան գունաւոր պատկերով ամանորեայ շնորհաւորական տոմսի վրայ։ Անգլերէն շնորհաւորանքը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[dccclxxix] Կարապետ Քացախեան – Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանի զարմիկը։
[dccclxxx] Լուսիկ Քացախեան – Կարապետ Քացախեանի տիկինը։
[dccclxxxi] (Յուշեց՝ Հերոս Ասատուր Սաչեան, գրեց՝ Արամ Ասպետ), «Դրուագներ Հաճնոյ Հերոսամարտէն Եւ Հերոսին Ոդիսականը», տպարան «Տօնիկեան», Պէյրութ, 1961, 324 էջ։
[dccclxxxii] Սիրուն Նաճարեան – Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանի քոյրը։
[dccclxxxiii] Thanksgiving – Գոհաբանութեան տօն Ա․ Մ․ Ն․ի եւ քանի մը ուրիշ երկիրներու մէջ։ Ա․ Մ․ Ն․ի մէջ պետական-ժողովրդային կարեւորագոյն տօներէն է։ Կը նշուի ամէն Նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթի օրը։ Աւանդաբար, այդ օրը ընտանիքի անդամները տարբեր տեղերէ գալով կը մէկտեղուին։
[dccclxxxiv] Զուարթ – Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանի մօրաքրոջ դուստրը։
[dccclxxxv] Beirut College for Women – Պէյրութի Կանանց Գոլէճ։ Հոս կը դասախօսէր տիկին Ազատուհի Գալայճեան/Սիմոնեան։
[dccclxxxvi] Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւն – 1921-ին Նիւ Եորքի մէջ հիմնած են Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեանները՝ ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ որդի Հաուըրտի։ Բարեսիրական կազմակերպութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ կը մատուցէ առողջապահական, ընկերային, կրթական եւ այլ ծառայութիւններ։
[dccclxxxvii] Շատ հաւանաբար՝ Վեր․ Ռոպերթ Սարգիսեան։
[dccclxxxviii] Անահիտ Պահրի-Դաւիթեան։
[dccclxxxix] Ձեռագիր՝ բացիկի վրայ։ Շարադրանքը գրուած է թեքութեամբ։ Ինքնագիր։
[dcccxc] Ստեփան Շահպազ, «Օրերուն Հետ», տպարան «Ոսկետառ», Գահիրէ, 1970, 196 էջ։
[dcccxci] Ստեփան Շահպազ (1900-1991) – Եգիպտահայ փաստաբան, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ։
[dcccxcii] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Շարադրանքը գրուած է թեքութեամբ։ Անգլերէն հատուածը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[dcccxciii] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Առաջին թուղթին Վահէ Օշականի հասցէի վերտառութիւնը եւս շարուած է համակարգիչով։ Բնագիր։
[dcccxciv] Աբրահամ Ալիքեան (բուն մականունով՝ Մխսի Խաչերեան, 1928-2013) – Բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ կրթական գործիչ։ Աւարտելէ ետք Համազգայինի Պէյրութի Հայ ճեմարանը, 1947-ին հայրենադարձած է, աւարտած Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքը։ 1952-1991-ին ապրած եւ գործած է Մոսկուայի մէջ։ 1991-էն մինչեւ մահը ապրած է Լիբանանի մէջ։
[dcccxcv] Շարլ Փիեռ Պոտլէր (1821-1867) – Ֆրանսացի բանաստեղծ, հրապարակագիր, թարգմանիչ եւ արուեստաբան։
[dcccxcvi] «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի հիմնադիր դոկտ․ Երուանդ Հ․ Քասունի խմբագրած է հանդէսին առաջին տասը համարները՝ Ա․ տարի, 1970-ի թիւէն մինչեւ Ժ․ տարի, 1982-1984-ի թիւը ներառեալ։ Նամակի հեղինակման թուականին հանդէսը լոյս կը տեսնէր Հայր Անդրանիկ վրդ․ Կռանեանի խմբագրութեամբ՝ եռանդամ խմբագրական մարմինի մը օժանդակութեամբ։
[dcccxcvii] Գէորգ Աճեմեան (1932-1998) – Վիպագիր, պատմուածքագիր, հրապարակագիր, խմբագիր, գրաքննադատ, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի համահիմնադիր։
[dcccxcviii] Գրամեքենագրուած՝ Վահէ Օշականի անուան վերտառութեամբ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[dcccxcix] Վահէ Օշականի տիկինն է՝ Արսինէ Ռստիկեան-Օշական։
[cm] Ապսիւրտ – Անհեթերթ (ֆրանսերէն):
[cmi] Համակարգչային շարուածք՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cmii] «Աստուած առատաձեռն է» (արաբերէն)։
[cmiii] Յակոբ Օշական մահացած է 18 Փետրուար 1948-ին՝ Հալէպի մէջ։
[cmiv] Այար – Արժեչափ (արաբերէն, թրքերէն)։
[cmv] Ձեռագիր՝ ամանորեայ շնորհաւորական բացիկի վրայ։ Անգլերէն շնորհաւորանքը տպագիր է։ Ինքնագիր։
[cmvi] Ձեռագիր՝ 9 սմ․ կողմերով քառակուսի թղթիկի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmvii] Ձեռագիր՝ խորհրդային նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmviii] Ձեռագիր՝ տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmix] Սուրիոյ մէջ Հ. Մ. Մ.ը արձանագրուած է այս արաբերէն անունով՝ օրէնսդրութեան պահանջով:
[cmx] Ձեռագիր՝ անգլերէն (ձախին) եւ արաբերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Երկու վերտառութեանց միջեւ տպուած է Հ․ Մ․ Մ․ի վահան-տարբերանշանը։ Ինքնագիր։
[cmxi] Բնագիրին մէջ մականունը գրուած է … «Սինանեան»:
[cmxii] Արա Տեմիրճեան կը բանեցնէր հօրմէ՝ Կիւլեսէրէն ժառանգած գրատունը Հալէպի առաջնորդարանի շէնքի գետնայարկին։
[cmxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cmxiv] Երուանդ Տեմիրճեան Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետն էր։
[cmxv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cmxvi] Նկատի ունի Լիբանանի թեմի առաջնորդ Արամ արք. Քեշիշեանը (2 Յուլիս 1995-էն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․):
[cmxvii] Նկատի ունի Լիբանանի թեմի Ուսումնական Խորհուրդը։
[cmxviii] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր երեք թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxix] Թորոս Էթարեանը որդին է Պէյրութի Ռըմէյլ թաղամասի Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Տէր Պսակ քահանայ Էթարեանի։ Աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկը։ Վերջին տասնամեակներուն կ’ապրի Ա․ Մ․ Ն․ի մէջ։
[cmxx] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր երկու թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxi] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxii] Տիգրան Սարաֆեան եւ տիկինը՝ Վարդուհի Թաթուլեան-Սարաֆեան։
[cmxxiii] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxiv] Յովհաննէս Ճերեճեան։
[cmxxv] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxvi] Անի Լաչինեան-Մակարեան – Կրթական եւ հասարակական գործիչ։ 1996-էն մինչեւ դպրոցին փակուիլը եղած է Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տնօրէնուհին։ Վերադառնալով Լիբանան դարձած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի ատենադպրուհին։
[cmxxvii] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxviii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxix] Ձեռագիր՝ Կարպիս Տէր Եղիայեանի տուեալներուն եւ մէջբերման մը վերտառութեամբ անգլերէն տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxx] Հաւանաբար տիկ․ Արշալոյս Անմահունին է․ տե՛ս ստորեւ։
[cmxxxi] Նկատի ունի Պուրճ Համմուտի Վահան Թէքէեան Վարժարանը։
[cmxxxii] Երուանդ Պապայեան։
[cmxxxiii] Յակոբ Սընըգճեան – Պէյրութի Ռըմէյլ թաղամասի Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ։
[cmxxxiv] Aeroflot – Խորհրդային Միութեան օդանաւային ընկերութիւնը։
[cmxxxv] Տիկին Արշալոյս Անմահունի (անձնագրային մականունով՝ Էօլմեսէքեան) – Ազգ․ Ռուբինեան Վարժարանի աւագ մանկապարտիզպանուհին։
[cmxxxvi] Ձեռագիր՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի անուան հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի եւ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxxvii] Գասպար Տէրտէրեան (1934-2021) – Սկիզբը Ռ․ Ա․ Կ․ի, այնուհետեւ Լիբանանի Կոմունիստական Կուսակցութեան անդամ, ապա անկախ ընկերվարական-ժողովրդավար, գաղափարախօս, հրապարակագիր, խմբագիր, հասարակական գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ փաստաբան։
[cmxxxviii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxxxix] Ռուբէն Տիրարեան (1925-2010) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ, կրթական մշակ, 1953-1981-ին Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէն: Եղած է Հալէպահայ Ուսուցչական Միութեան, Սուրիահայ Յառաջդիմական Ճակատին եւ Հ․ Մ․ Մ․ի Հալէպի շրջանի վարչութեան ատենապետը։ 1973-1977-ին` Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ։
[cmxl] Ձեռագիր՝ սովորական, գծաւոր թուղթի վրայ։ Ինքնագիր։
[cmxli] Այսպէս գրուած է բնագիրին մէջ: Հաւանաբար պէտք է ըլլայ՝ «հայերէնի»:
[cmxlii] Գրամեքենագրուած՝ նամակային ծրար-թուղթի վրայ։ Նամակը ստացողներուն եւ առաքողներուն անունները եւ վերջին հատուածը ձեռագիր են։ Բնագիր։
[cmxliii] Ալին Քեշիշեան – Նամակագիրի դուստրն է, հետագային՝ տիկին Թրոյր։
[cmxliv] Ալեք Քեշիշեան – Նամակագիրի որդին է՝ Ալեք Քեշիշեան։
[cmxlv] Տոքթ. Գէորգ Քեշիշեան (1931-2018) – Նամակագիրին ամուսինն է։ Աւարտելէ ետք երկրորդական ուսումը ծննդավայր Հալէպի մէջ, ուսանած է Պէյրութի Սէն Ժոզեֆ Համալսարանի Բժշկութեան Բաժանմունքին մէջ՝ մասնագիտանալով մանկաբուժութեան մէջ։ 1968-ին ընտանեօք գաղթած է Ա․ Մ․ Ն․։ Եղած է Ռ․ Ա․ Կ․ի եւ հասարակական գործիչ, Ռ․ Ա․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, այնուհետ՝ պատուոյ անդամ, կուսակցութեան Արեւելեան Ա․ Մ․ Ն․ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, Թ․ Մ․ Մ․ի Ա․ Մ․ Ն․ի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ։ Իր ու կնոջ՝ Սեսիլ Սիմոնեան-Քեշիշեանի բարերարութեանց իբրեւ երախտագիտութիւն, իրենց անունով կը կոչուի Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ուսանողական Միութիւնը։
[cmxlvi] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «հետեւիլ կարենալու»։
[cmxlvii] Վահրամ Մավեան (1926-1983) – Գրող, կրթական եւ հասարակական գործիչ, 1963-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ մահը՝ Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի աշխատակից։
[cmxlviii] Ուիքենտ – Շաբաթավերջ (անգլերէն)։
[cmxlix] Անուան ճիշդ ձեւն է՝ «Columbia»:
[cml] Գերսամ Ահարոնեան երբեւէ բժշկութիւն չէ ուսանած։ Ան դոկտորայի աստիճան չէ ունեցած։
[cmli] Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան «Գասպար Իփէքեան» թատերախումբը հիմնուած է 1942-ին՝ Պէյրութի մէջ, թատերական գործիչ Գասպար Իփէքեանի (1883-1952) կողմէ, որու մահէն ետք կոչուած է անոր անունով։
[cmlii] Ամերիկահայ երաժշտահան Ռիչըրտ Եարտըմեան (1917-1985)։
[cmliii] Ռուբէն Կրեկորեան (1915-1991) – Իրանահայ, ապա ամերիկահայ երաժշտահան, խմբավար, ջութակահար, երաժշտագէտ։ Երկար տարիներ ղեկավարած է Թեհրանի, այնուհետ Պոսթոնի Սիմֆոնիք նուագախումբերը։
[cmliv] Մովսէս Խորենացիի վերագրուող «Խորհուրդ մեծ» շարականը։
[cmlv] Սեսիլ Սիմոնեան-Քեշիշեան – Լիբանանէն Ա․ Մ․ Ն․հաստատուած հասարակական գործիչներ տոքթ․ Սիմոն Սիմոնեանի, Ռիթա Սիմոնեան-Պալեանի եւ Անի Սիմոնեան-Թոթահի քոյրը։ Ինք եւս եռանդուն գործունէութիւն ունեցած է ամերիկեան առողջապահական կազմակերպութիւններու մէջ, որու համար 2005-ին արժանացած է «Էլլիս այլընտ» պատուոյ մետալին։
[cmlvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cmlvii] Նամակագիրին վաղամեռիկ կողակիցը՝ Աիդա Բաբայեան-Քոզմոյեան։
[cmlviii] Վերտառութիւնն ու հասցէն կը կրկնուին յաջորդ նամակին սկիզբը, ուստի զանոնք զանց ըրած ենք։
[cmlix] Համակարգչային շարուածք՝ Միացեալ Թագաւորութեան զինանշանին տակ Քերոլայն Քոքսի վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cmlx] Քերոլայն Էնն Քոքս (ծնած է 1937-ին` Լոնտոն) – Պարոնուհի, հասարակական եռանդուն գործիչ։ Մասնագիտութեամբ՝ ընկերաբան։ 1983-էն Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու Պալատի անդամ, 1985-2005-ին՝ նոյնի նախագահի տեղակալ։ 50-է աւելի անգամ այցելած է Արցախ՝ միշտ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն բերելով դիմադրող արցախցի հայոց։
[cmlxi] Համակարգչային շարուածք՝ Միացեալ Թագաւորութեան զինանշանին տակ Քերոլայն Քոքսի վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Բնագիր։
[cmlxii] Dr․ Murray Newall Cox։ Միւրրէյն ու Քերոլայնը ամուսնացած են 1959-ին եւ բախտաւորուած երկու որդիով ու մէկ դուստրով։ Միւրրէյը մահացած է 1997-ին։
[cmlxiii] Ձեռագիր՝ արեւելագերմանական նամակային տոմսի վրայ։ Ինքնագիր։