Բ․– ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ԵՒ/ԿԱՄ ԱՆՈՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ
1․ Ալիսիա Կիրակոսեանի 35-ամեայ Գրական Գործունէութեան Կազմակերպիչ Յանձնախումբին
10 Փետրուար 1985[i]
Պատուարժան Կազմակերպիչ Յանձնախումբ
Ալիսիա Կիրակոսեանի 35-ամեայ գրական գործունէութեան,
Լոս Անճելոս.
Կազմակերպիչ Յանձնախումբիդ շրջաբերական նամակը ստացայ եւ գոհունակութեամբ տեղեկացայ բովանդակութեան: Կը գնահատեմ Կազմակերպիչ Յանձնախումբիդ նախաձեռնութիւնը արժանաւոր քերթողուհիի մը, ինչպիսին է տաղանդաւոր բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանը, գնահատելու եւ մեծարելու:
Ալիսիա Կիրակոսեանը այն օրէն ասդին, որ յայտնուեցաւ հայութեան համար, սիրելի անուն մը դարձաւ Հայրենիքի թէ սփիւռքի գրական-մտաւորական շրջանակներէն ներս: Բոլորին ուշադրութեան արժանանալու հանգամանքը կը բխի իր տաղանդին վաւերականութենէն եւ բանաստեղծուհիի ինքնուրոյնութենէն: Վաւերականութիւն մը, որուն առաջին հաստատումը կատարուեցաւ միջազգային գրական շրջանակներէն ներս՝ որպէս սպաներէնով արտայայտուող քերթողուհի: Իր գրական-մշակութային առնչութիւններն ու յարաբերութիւնները սպանախօս աշխարհի մտաւորական շրջանակներուն հետ ծառայեցին նաեւ հայ ժողովուրդի եւ անոր դարաւոր մշակոյթի ծանօթացման: Հայութեան դեսպանը եղաւ նաե՛ւ Ալիսիա Կիրակոսեան այդ շրջանակներէն ներս, իր հայկական արմատներուն պատկանելու լիիրաւ գիտակցութեամբ:
Իր հայկական արմատներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը հոգեւին կապեց զինք հողին, Մայր Երկրին՝ յաւերժական Հայաստանին: Հայրենիքը իր արմատներուն կառչած օտարագիր դուստրը գրկաբաց ընդունեց: Հայացուց իր քերթուածները, ծանօթացուց հայրենի մտաւորականութեան, ժողովուրդին: Ալիսիան Հայրենիքի եւ սփիւռքի համար համաժողովրդական դէմք դարձաւ: Իր բանաստեղծութիւններէն շատեր հայրենի երաժիշտներու կողմէ երգի վերածուեցան: Անոնք ծառայեցին իր ժողովրդականութեան:
Ողջունելով իր գրական-ստեղծագործական վաստակին 35-ամեայ յոբելեանը, կը մաղթեմ նորանոր ստեղծագործութիւններու յաւելումը իր ինքնատիպ բանաստեղծի վաստակին վրայ՝ ի փառս հայ ստեղծագործ տաղանդին շողարձակման՝ նոր հորիզոններու տակ:
Լաւագոյն բարեմաղթութիւններով՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան][ii]
* * *
- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժինին
[Պէյրութ,] 11 Յունուար 1986[iii]
Յարգելի պր. Կորիւն Քեշիշեան,[iv]
Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի վարիչ,
Լիզպոն.
1985-1986 տարեշրջանի Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նպաստի առնչութեամբ ոչ մէկ հարցական եւ ծանուցագիր ստացանք:
Կը լսենք թէ ուրիշ դպրոցներ ստացած են: Լիբանանի թղթատարական կացութեան պատճառաւ կրնայ մեր հաստատութեան հասցէին ղրկուածը կորսուած ըլլալ:
Ուստի պիտի խնդրէինք, որ սոյն գիրը ստանալէ անմիջապէս ետք, բարի ըլլայիք լուսաբանութիւն մը կամ ուղղակի 1985-1986 տարեշրջանի նպաստի համար նախատեսուած հարցարանը կամ ծանուցագիրը առաքելու:
Ընդունեցէ՛ք մեր լաւագոյն մաղթանքները:
Տնօրէն
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
- Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէին
[Պէյրութ,] 13 Յունիս 1983[v]
Յարգելի պր. Կարլեն Դալլաքեան,[vi]
Հայաստանի [Կոմկուսի] Կենտկոմի քարտուղար,
Երեւան.
Լիբանահայ գաղութի հայրենասիրական, կրթական հնագոյն օճախին՝ «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելինական տարի հռչակուած է 1983 տարին: «Սահակեան»ը անցնող 60 տարիներու ընթացքին հանդիսացած է ազգային կրթութեան այն օճախը, ուր տասնեակ մը սերունդներ ստացած են իրենց հայրենասիրական առողջ դաստիարակութիւնը: 60-ամեակը առիթ մը պիտի ըլլայ հանրագումարի ենթարկելով «Սահակեան»ի 60-ամեայ վաստակը՝ գնահատելու անոր դերը սփիւռքահայ կեանքին եւ Հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման բերած իր նշանակալից նպաստներով: Այս առիթով անգամ մը եւս պիտի ընդգծուի սփիւռքահայ կրթական օճախներուն եւ ի մասնաւորի լիբանահայ դպրոցներուն մէջ «Սահակեան»ին առանձնայատուկ եղող հայրենասիրական այն ուղղութիւնը, որ յատկանշուած է, իր հիմնադրութեան թուականէն ասդին, Խ. Հայաստանի կողքին գտնուած ըլլալու իրողութեամբ:
Այս տեսակէտով ալ, Հայրենիքը՝ իր հանգամանաւոր ներկայացուցիչներով, մեր ցանկութիւնն է, որ բերէ իր մասնակցութիւնը: Հրաւէր ուղղուած է, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ պր. Վարդգէս Համազասպեանին եւ բաժնի վարիչ պր. Արմէն Արսլանեանին, որ յառաջիկայ Նոյեմբեր 20-ին, յոբելինական եզրափակիչ հանդիսութեան ներկայ գտնուին, որպէս «Սահակեան»ի 60-ամեակի հիւրեր, գլխաւորելով երեք արուեստագէտներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Յուսով ենք, որ ծրագրուած այս միջոցառումները, որպէս Հայաստանի պատասխանատու ղեկավարներէն մէկը, Ձեր ալ քաջալերանքին պիտի արժանանան եւ Ձեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակէք, որպէսզի Հայրենիքին խօսքն ու ներկայութիւնը ապահովուի[ն] այս առիթով նախատեսուած յոբելինական յայտագրին:
Ընդունեցէ՛ք, յարգելի բարեկամ, մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:
Ի դիմաց 60-ամեակի Յոբելինական գործադիր մարմնի՝
Տնօրէն Ատենապետ
Պ. Սիմոնեան Վահրիճ Ճերեճեան
* * *
Ս․ Դ․ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 14 Յունուար 1988[vii]
Մեծայարգ ընկ․ Կարէն Դեմիրճեան,
Ա․ քարտուղար Խ․ Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան,
Երեւան,
Սիրելի ընկեր,
Մեծապէս ուրախ ենք, որ վերջերս իր Լիբանան այցելութեան, Սփիւռքի Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի[viii] նախագահ ընկ․ Կարլեն Դալլաքեան մեզի փոխանցելով Ձեր որոշումը, ըսաւ, թէ Ս․Դ․ Հնչակեան Կուսակցութեան հարիւրամեակը Մայր հայրենիքի մէջ նշելու Ձեր սկզբունքային որոշումը կը հաստատէք եւ զայն գործադրութեան դնելու նպատակաւ կ’առաջարկէք, որ հանդիսութիւնը տեղի ունենայ 1988-ի առաջին վեցամսեակի ընթացքին, բացառելով Ապրիլ ամիսը, եւ մեզի կը ձգէք ընտրութիւնը թուականի մը, որ այդ ժամանակամիջոցի[ն] մէջ իյնայ։
Ընկ․ Կ․ Դալլաքեանի հետ հանդիպման ընթացքին, մեր կողմէ ըսինքիրեն եւ այժմ ալ պատիւն ունինք պաշտօնապէս Ձեզի յայտնելու, որ Կեդրոնական Վարչութիւնս նպատակայարմար գտած է որ հարիւրամեակի հանդիսութիւնը կատարուի 1988-ի Մարտ ամսուան 28-էն 31-ի միջեւ։
Մեզի համար ուրախութիւն ու պատիւ էր իմանալը նոյնպէս, որ պատմական դառնալու սահմանուած այս եղելութեան առթիւ, տրամադիր էք կուսակցութենէս պատուիրակութիւն մը հրաւիրել Երեւան, բան մը որ ողջունելի եւ պատեհ կը գտնենք, եւ մեր կողմէ շատ կը փափաքինք, որ հաշուի առնելով մեզի յատուկ հանգամանքներ, Կուսակցութեանս Կեդրոնական Վարչութեան կազմը լրիւ ներգրաւուէր պատուիրակութեան մէջ։
Լիայոյս, որ լաւ կ’ըմբռնէք մեր այս պնդումին տուն տուող դրդապատճառները, կը ներկայացնենք Ձեզի անուանացանկը Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն․– Ժիրայր Թոսունեան, Պէպօ Սիմոնեան, Վահրիճ Ճերեճեան, Տիգրան Սարաֆեան,[ix] Աւետիս Տեմիրճեան,[x] Յակոբ Պէրպէրեան (Լիբանան), Տիրան Ակինեան (Դամասկոս – Սուրիա),[xi] Նազարէթ Պշտիկեան[xii] (Փարիզ – Ֆրանսա), Մանուէլ Ադամեան (Լոնտոն – Մ[եծն] Բրիտանիա), Սամուէլ Սարգիսեան (Պուէնոս Այրես – Արժանթին), Համբարձում (Հերի) Տրամերեան[xiii] (Փասատենա – Մ[իացեալ] Նահանգներ)։
Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն բացի, պիտի խնդրէինք, որ Ձեր հրաւիրեալներու կազմին մէջ ներգրաւէիք նաեւ մտաւորական եւ վաստակաւոր երեք ընկերներ՝ Արսէն Ճերեճեան (Նիւ Ճըրզի – Մ․ Նահագներ), Զաւէն Պալա[յ]եան (Գահիրէ – Եգիպտոս), Արշակ Գազանճեան (Պէյրութ – Լիբանան)։
Աւելցնենք նաեւ, որ յիշարժան դառնալու սահմանուած սոյն հանդիսութեան մասնակից դառնալու համար, սփիւռքի տարբեր գաղութներու մեր շրջանային ղեկավար շարքային ու համակիր շատ տարրեր տրամադիր են տուրիստական խումբեր կազմելով գալ Երեւան, եթէ անշուշտ որեւէ անպատեհութիւն չի ներկայացներ նման դիտաւորութեան մը գործադրութիւնը։
Արդ, սիրելի ընկ․ Կ․ Դեմիրճեան, Մարտի վերջաւորութեան նախատեսութեամբ գործնական վերջին կարգադրութիւնները ընելէ առաջ, կ’ուզենք ունենալ Ձեր հաւանութիւնը մեր վերոյիշեալ երեք խնդրանքներու գծով, յուսալով Ձեր դրական պատասխանը ունենալ մինչեւ ամենաուշը եկող Փետրուարի վերջը։
Յայտնենք, թէ Մայր Հայրենիքի մէջ 100-ամեակի[xiv] խորհրդանշական մօտալուտ նշման լուրը արդէն տարաձայնուած է եւ ստեղծած մեծ, յուզախառն ոգեւորութիւն, ինչ որ հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն կը պատճառէ[xv] մեզի եւ կը պատուէ Խ․ Հայաստանը իր ղեկավարութեամբ։
Սպասելով Ձեր շուտափոյթ պատասխանին՝ ընդունեցէք մեր ընկերական ջերմ ողջոյններն եւ եղբայրական բարեմաղթանքը։
Ի դիմաց
Ս․ Դ․ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութեան
Դիւանի
Ատենադպիր՝ Ատենապետ՝
[ստոր․՝ ՊՍիմոնեան] [ստոր՝ ԺՆայիրի]
Պէպօ Սիմոնեան Ժիրայր Նայիրի
[Երկու ստորագրութեանց միջեւ կայ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական վարչութեան հաւկթաձեւ կնիքը՝ կուսակցութեան զինանշանով։][xvi]
* * *
- Հայաստանի Ուսուցիչներու Կատարելագործման Հիմնարկին
[Պէյրութ,] 12 Հոկտեմբեր 1983[xvii]
Սիրելի ընկեր Մարտին Շախուրեան,
Տնօրէն Հայաստանի Ուսուցիչներու Կատարելագործման Ինստիտուտի,
Երեւան․
Աւելի քան տասը օրերէ ի վեր վերադարձած ենք մեր բոյները։ Միացած մեր ընտանիքին։ Լիբանան մտած օրն իսկ զինադադարը հաստատուեցաւ։ Խաղաղութեան մէջ կատարուեցաւ մեր ընտանիքներուն հետ վերամիաւորումը։ Բայց իրաւացի եղած են,[xviii] ռմբակոծումներու ընթացքին, մեր ընտանիքներու հանդէպ, Երեւան գտնուած օրերուն ապրած մտահոգութիւնները։ Մինչ մենք Ձեր կազմած յայտագիրներով ուրախ, հաճելի եւ հետաքրքրական պահեր կ’ապրէինք Երեւան, մեր ընտանիքները այստեղ պատերազմական ծանր, վտանգաւոր վիճակներու մէջ գտնուած են։ Անցեալը, ինչքան ալ չմոռցուելիք ըլլայ, դիւրին կը մոռցուի կ’ըսեն։ Հիմա վերամիաւորուած մեր ընտանիքը իր ուրախութիւնն ու բնականոն կեանքը գտած ըլլալով, հայրենական յուշերն ու տպաւորութիւնները կը հարստացնեն մեր ընտանեկան առօրեան։ Այդ առօրեային մէջ մնայուն յիշուող անուն էք նաեւ Դուք եւ Ձեր անմիջական գործակիցները՝ Հեքիմեանը, Լենան եւ Ռաֆֆին։
Ինքզինքս վերագտնելէ ետք, առաջին պարտականութիւնս նկատեցի գրել յօդուած մը։ Սոյն նամակին հետ, գրած յօդուածս եւս կը դնեմ Ձեր տրամադրութեան տակ։ Փափաքս այն է, որ «Հայրենիքի Ձայն»ի մէջ ալ տպուի։ Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ «Հայրենիքի Ձայն»ը բոլոր հայկական գաղութները կը հասնի, տնօրէններու մեր պատուիրակութեան անդամները գոնէ այդ կերպով կարդալու առիթ կ’ունենան։ Կրնա՞մ Ձեզմէ խնդրել, որ ապահովէք «Արարատ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածիս տպագրութիւնը[xix] «Հայրենիքի Ձայն»ի մէջ։
Իմ տպաւորութիւններս բազմիցս Ձեզի հոն յայտնելէ ետք, յօդուածիս մէջ քանի մը հատը,[xx] հիմնականները, արձանագրեցի։ Ձեր համեստութիւնը վիրաւորելով։ Ես չեմ սիրեր տուրք տալ անձերու, եթէ անոնք արժանի չեն։ Դուք, թոյլ տուէք ըսելու, որ արժանի եւ արժանաւոր անձնաւորութիւն էք։ Իմ տպաւորութիւնս այդ եղաւ Ձեզմէ։ Այդ տպաւորութիւնը հաստատեցի նաեւ այն բոլոր այցելութիւններու ընթացքին, երբ Ձեր անձին նկատմամբ յարգանք եւ համակրանք կ’արտայայտուէր։
Իմ առաջին Հայաստան այցելութիւնս, 21 տարիներ առաջ, դարձեալ եղած էր հայրենի Կրթական Նախարարութեան հրաւէրով եւ Ուսուցիչներու Կատարելագործման Ինստ[իտ]ուտի նախաձեռնութեամբ։ Հակառակ անոր որ Հոկտեմբերի համար ուրիշ հրաւէր ունէի որպէս գրող, բայց նախընտրեցի տնօրէններու խումբին հետ այցելութիւնը, 21 տարի առաջուան յիշատակներս եւ տպաւորութիւններս թարմացնելու եւ վերանորոգելու համար։ Ու հիմա ուրախ եմ այս նախընտրութեանս համար։ Այդ ուրախութեանս մաս կը կազմէ նաեւ Ձեզ ճանչնալու պատեհութիւնը։
Ձեր ոգին էր ամենէն առաջ զիս ներշնչողը։ Ձե՛ր եւ մե՛ր հայրենիքը իր պայծառ գոյներով ու երեսներով ցոյց տալու, որ հայրենասէր մարդու Ձեր[xxi] դիմագիծը կը ցոլացնէր։ Տպաւորուած եմ նաեւ Ձեր պատասխանատու եւ պետական մարդու կեցուածքէն։ Ամէն անգամ որ խօսք կ’առնէիք, Ձեր արտայայտած մտածումները, բանաձեւած խոհերը իրենց համակող շունչով եւ ոգիով կու գային տեղ գրաւելու մեր հոգիին մէջ։ Խօսքի ճարտար բանաձեւող էիք։
Հայրենի կրթական կեանքի վերելքին Ձեր բերած նպաստով արդար վաստակ շահած էք։ Ձեր գլխաւորած Ինստիտուտը կը նկատեմ Հայաստանի կարեւոր հիմնարկներէն մէկը։ Այն ինչ որ կապ ունի մատաղ սերունդի դաստիարակութեան հետ կապուած ուսուցչական ասպարէզի բարձրացման եւ որակաւորման հետ՝ զիս կը խանդավառէ, որովհետեւ անով պայմանաւորուած է ժողովուրդի մը ազգային ապագան։ Դուք, ընկեր Մարտին Շախուրեան, այս իրողութեան լիիրաւ գիտակցութիւնը ունեցող քաղաքացի մըն էք։ Այդ կոչումով ալ զգացուցիք, որ կը ծառայէք Հայրենիքին։
Ինծի համար, ինչպէս նաեւ լիբանահայ տնօրէններու խումբէն իւրաքանչիւրին համար, պարտադրաբար մեր կեցութեան օրերու երկարաձգման ընթացքին Ձեր ցոյց տուած ոգին եւ հայրական հոգածութիւնը, իրապէ՛ս յուզիչ էր։ Կը գնահատեմ Ձեր վերաբերումը, որ հաղորդ կը մնար մեր ապրած հոգեբանական պահերու ալեկոծ ապրումներուն։ Ձեր այդ հասկացողութեամբ ցոյց տուած վերաբերումը կը թեթեւցնէր մեր ներքին խռովքը։ Ողջ եւ առողջ մնաք, ընկեր Շախուրեան։ Ձեր ՏԻՊԱՐԸ դրոշմուած կը մնայ մեր յիշողութեան եւ տպաւորութեան մէջ։
Մենք նախապատրաստութեան մէջ ենք դպրոցական վերամուտի։ Ամիսով մը վերամուտը յետաձգուած է։ Կը յուսանք 2 Նոյեմբերին վերաբանալ դպրոցը եւ ընդունիլ մեր աշակերտները։
Ցտեսութիւն, մինչեւ յաջորդ հանդիպում։
Անկեղծօրէն՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
5․ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան
5/1․ «Ալեք Մանուկեան» Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմինին
[Պէյրութ,] 16 Փետր[ուար] 1986[xxii]
Պատուարժան Գործադիր Մարմին
«Ալեք Մանուկեան» Մշակութային Հիմնադրամի.
Գոհունակութեամբ կու գամ Մարմնիդ տեղեկացնելու, թէ 1986-ի Յունուարին լոյս տեսաւ Լիբանանին նուիրուած արձակ բանաստեղծութիւններու հատորս՝ «Մայրիներու Արմատները» խորագրուած: Գիրքին հրատարակութեան հետ կապուած կարգ մը գաղափարներ իրենց ներշնչող հանգամանքով նպաստեցին անոր շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութեան: Առաջին հերթին լիբանահայ մեծ նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի բերած մասնակցութիւնն է՝ կողքին գծագրութեամբ եւ բովանդակութենէն ներշնչուած գծապատկերներու ներկայութեամբ, որ մեծապէս նպաստած է գիրքին գեղարուեստական արտայայտչականութեան: Արուեստագէտին մասնակցութիւնը եղած է սիրայօժար: Մեծ նկարիչը գիրքին թեմաներով պատրաստեց նաեւ ցուցահանդէս մը: Գիրքը վայելելով տոքթ. Գրիգոր Գալայճեանի,– հեղինակին եղբայրը,– մեկենասութիւնը՝ հասոյթը ամբողջութեամբ նուիրուած է Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի կարօտեալ աշակերտներու կրթական ֆոնտին:
Ես՝ որպէս հեղինակ, իմ հրատարակութիւններուս առիթով միշտ ալ քաջալերուած եմ «Ալեք Մանուկեան» Մշակութային Հիմնադրամի Գործադիր Մարմնին կողմէ: Այս գիրքիս առիթով առաւել պատճառ մըն ալ կայ, որ Հիմնադրամի Գործադիր Մարմնիդ քաջալերութեան արժանանայ: Ուստի կը խնդրեմ Գործադիր Մարմնէդ, որ յիսուն օրինակներ գնելով գիրքէս, իր կրթանուէր նպաստը բերէ անոր ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ նպատակին: Գիրքին արտասահմանեան գին նկատի առնուած է 5 տոլար:
Ինչպէս ասկէ առաջ, այս առիթով ալ կը յուսամ ունենալ Ձեր դրական որոշումը, որուն համար ընդունեցէք իմ որպէս հեղինակ[ի] եւ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի Խնամակալութեան կանխայայտ շնորհակալութիւնները:
Հեղինակ-տնօրէն
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
5/2. Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի ընդհանուր տնօրէն Միսաք Հայկենցին
[Պէյրութ,] 14 Օգոստոս 1982[xxiii]
Յարգելի պր. Միսաք Հայկենց,[xxiv]
Ընդհանուր տնօրէն Հ. Բ. Ը. Մ.ի,
Նիւ Ճըրզի.
Կրկին կու գանք Ձեր ուշադրութեան յանձնելու Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճին՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի կողմէ ըլլալիք օժանդակութեան կենսական կարեւորութիւնը:
Վերջին եօթ[ը] տարիներուն, լիբանանեան պատերազմին ահաւոր հետեւանքներէն մեծապէս ցնցուեցաւ լիբանահայ դպրոցը եւս: Այս իրողութեան ամենէն աւելի իրազեկ է Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ առաջին օրէն զգալով լիբանահայ գաղութին ներկայացուցած կարեւորութիւնը որպէս հայկական կեդրոն, եւ գիտակցելով հայակերտումի մէջ հայ դպրոցին կատարած անփոխարինելի դերին, բերաւ ու կը բերէ իր օժանդակութեան կարեւոր նպաստը: Շնորհիւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի եւ այլ կարգի օժանդակութիւններու կարելի եղաւ վերականգնել լիբանահայ դպրոցը՝ տնտեսապէս անկայուն եւ քաղաքականապէս անապահով Լիբանանի մէջ:
Երախտապարտութեան զգացումով եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ կու գանք յայտնելու, որ Հ. Բ. Ը. Մ.ը իր սեփական վարժարաններու կողքին Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը եւս դարձուց իր ուշադրութեան առարկան: Իւրաքանչիւր տարուան շօշափելի նպաստը եկաւ թեթեւցնելու մեր նիւթական յանձնառութիւնը:
Յարգելի ընդհանուր տնօրէն,
Գիտեմ թէ «Սահակեան»ը եւս Ձեր սրտին մօտ կրթական հաստատութիւն մըն է, որուն իրագործման մէջ Դուք եւս Ձեր լուման մուծած էք: Զայն կանգուն պահելու համար ի գործ դրուած ճիգերուն, վստահ ենք, որ դրականօրէն պիտի արձագանգէք: Անոր ապացոյցը տուած էք ասկէ առաջ: «Սահակեան»ին նիւթական տագնապը պարզելով Ձեզի, յոյսով ենք, որ զայն իր դժուարութենէն դուրս բերելու համար պիտի օգնէք մեզի:
1981-1982 տարեշրջանը փակեցինք 25 հազար տոլար բացով: Այսինքն՝ վճարելի գումար կը մնայ ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան ամառնային 3 ամիսներու ամսաթոշակները:
25 հազար տոլար բացին համար մեր նախատեսութիւնները հետեւեալներն էին նախահաշիւ պիւտճէին մէջ: Զանոնք յանձնելով Ձեր բարձր ուշադրութեան, կ’ակնկալենք Ձեզմէ եւ պատկառելի Կեդրոնական Վարչութենէն, որ դրական վերաբերումի արժանացնէ:
ա) Անցեալ տարի նախագահ Ալեք Մանուկեանին գրած էինք բարերար Լեւոն Մկրտիչեանի[xxv] կտակին՝ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճին համար նախատեսուած տասը հազար տոլարին իր կենդանութեան գործադրուելու կենսական պահանջքը: Անցեալ տարի մեր պահանջին դրականօրէն պատասխանուեցաւ: Կը յուսանք, որ այս տարի եւս նոյն վերաբերումը կը ցուցաբերէք՝ բարերար Լեւոն Մկրտիչեանի կտակէն 10 հազար տոլարի յատկացումը նկատելով արդար եւ իրաւացի:
բ) Պատերազմի վերջին տարիներուն «անծանօթ բարերարէ» մը, Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խողովակով տրամադրուած նախ 5 հազար տոլար եւ ապա 7 հազար տոլար[xxvi] նպաստը, մտած է մեր պիւտճէին մէջ: Կարելի՞ է տեղեկանալ Ձեզմէ, որ նիւթական կարեւոր այս նպաստը այս տարի եւս պիտի ունենա՞նք: Որքան մեծ պիտի ըլլայ մեր ուրախութիւնը, եթէ դրական ըլլայ Ձեր պատասխանը եւ լուսաբանութիւնը: Ազնուասիրտ «անծանօթ բարերար»էն տրուած նպաստը վերջին[xxvii] տարիներուն իրապէս թանկագին նպաստ մը եղաւ անխտի՛ր լիբանահայ դպրոցին համար:
Յարգելի ընդհանուր տնօրէն,
Բացի այս երկու պարագաներէն, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի ներկայ եւ հետագայ նիւթական կացութիւնը պահանջքը կը զգացնէ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուելիք տարեկան մնայուն նպաստին: Մեր ցանկութիւնը այն է, որ Հ. Բ. Ը. Մ.ը Լիբանանի կրթական գործին յատկացուցած պիւտճէին մէջ ներգրաւէ նաեւ «Սահակեան»ը, տարեկան մասնայատուկ յատկացումով՛ «Սահակեան»ը եւս իրը նկատելով:
Հ. Բ. Ը. Մ.ը շօշափելիօրէն իր հոգածութիւնը եւ հովանաւորութիւնը տարածելով եւ ընծայելով «Սահակեան»ին՝ արդարութիւն ըրած պիտի ըլլայ պատմութեան համար, մեկնակէտ ունենալով անոր 60-ամեայ կրթական ու հայրենասիրական վաստակը եւ ներկայիս հայ կեանքին բերած նպաստը:
«Սահակեան»ի ներկային եւ ապագային վերաբերող վերոյիշեալ պարագաները Ձեր ուշադրութեան յանձնելով կը յուսանք, որ զանոնք կ’արժանացնէք Ձեր եւ Կեդրոնական Վարչութեան բարեացակամ վերաբերումին, ջանալով դրական պատասխան փութացնել մեզի:
Յարգանքներով՝
Պէպօ Սիմոնեան
Տնօրէն Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի
* * *
[Պէյրութ,] 27 Հոկտեմբեր 1982[xxviii]
Յարգելի պրն. Միսաք Հայկենց,
Նիւ Ճըրզի.
Ամիսէ մը ի վեր վերադարձած ենք Ամերիկայի մեր շրջապտոյտէն: Բաւական ժամանակ պտոյտի, այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ոլորտին մէջ մնալէ ետք, նոր-նոր մեր տեղական հունին մէջ կը մտնենք: Կարծեմ պտոյտներուն դերն ալ այդ է արդէն:
Մեր տեղական հունին մէջ մտնելէ ետք, որուն կ’օգնէ նաեւ Լիբանանէն ներս հաստատուած խաղաղութիւնը, կը մտաբերենք մեր այն բարեկամները, որոնց հետ մեր հանդիպում[ներ]ը յիշատակելի կը մնան: Ձեր հետ մեր հանդիպումը, ազգային, մշակութային եւ կրթական հարցերու շուրջ բովանդակալից խօսակցութիւնները Ձեր Հ. Բ. Ը. Մ.ի գրասենեակէն ներս եւ ապա Ձեր հրաւէրի սեղանին շուրջ, իրապէս եւ անկեղծօրէն տպաւորիչ էին: Հաճոյք առինք Ձեր խօսակցութենէն: Մեզ հետաքրքրող հասարակաց հարցերը այնքան շատ էին որ շուտով հաղորդականութիւն ստեղծուեցաւ: Անկասկած, որ անոր օգնեց նաեւ մեր հայեցակէտերուն մօտիկութիւնը: Չեմ ըսեր նոյնութիւնը, որովհետեւ, կրնան տարբերութիւններ ըլլալ: Բայց, այն ինչ որ տպաւորեց զիս Ձեր մտաւորական մակարդակով, Ձեր հանգամանքին բարձրութեան վրայ գտնուելու կեցուածքն էր:
Ինչքան ուրախութեամբ տեղեկացանք Ձեր հայրենական տպաւորութիւններուն դրական երեսներուն: Սփիւռքահայ ճշմարիտ ղեկավարի եւ ազգային ղեկավարի լայնախոհութեամբ կը գնահատէիք հայրենական իրականութիւնը: Մենք այդ հասկացողութիւնը հաստատեցինք նաեւ առհասարակ Ձեզի ներկայացուցած մեր հարցերուն նկատմամբ, որուն համար ալ գոհունակութեամբ բաժնուեցանք Ձեր մօտէն: Այդ գոհունակութիւնը արտայայտեցինք նաեւ մեր վերադարձին, մեր հաստատութեան մարմիններուն հետ հանդիպումներու ընթացքին: Զիրենք ալ Ձեր նկատմամբ լաւ տրամադրեցինք:
Ամբողջացնելու համար տպաւորութիւնս, վերադարձիս կարդացի նաեւ այն երկու պրոշիւրները որոնք որպէս բանախօսութիւն հրապարակային առիթներով կարդացեր էք: Կշռադատուած խօսքեր են: Մօտեցումի դիտանկիւնին ինքնուրոյնութեամբ:
Կը մաղթեմ Ձեզի յարատեւութիւն: Համբերութիւն: Առաւել իմաստութիւն միութենական ճկունութիւն պահանջող աշխատանքներուն համար:
Բարեկամաբար՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
[Պէյրութ,] 1 Դեկտեմբեր 1982[xxix]
Յարգելի պր. Միսաք Հայկենց,
Ընդհանուր տնօրէն Հայկ. Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան,
Նիւ Ճըրզի.
Սիրելի պր. Միսաք Հայկենց,
Ամերիկայէն վերադարձէս ետք, Ձեր միջոցաւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուած նիւթական օժանդակութեան մեր պահանջքէն ստացանք միայն[xxx] 7,5 հազար տոլար՝ «անծանօթ բարերար»ի նպաստը,[xxxi] որ մեծապէս օգտակար եղաւ մեր նիւթական դժուարութիւններու հարթումին: Կ’ակնկալէինք նաեւ, որ բարերար Լեւոն Մկրտիչեանի կտակէն 10 հազար տոլարի նպաստը իր բարւօք լուծումը կը ստանայ եւ 1981-1982 տարեշրջանի մեր բացին համար կարեւոր օգնութիւն մը կ’ըլլայ: Մենք տակաւին կը սպասենք քանի նախորդ տարիներուն յատկացուած էր: Աւելորդ պիտի ըլլար անգամ մը եւս յիշեցնելու եւ շեշտելու անոր կենսական նշանակութիւնը մեր պիւտճէին նիւթական ծանրութիւնը թեթեւցնելու տեսակէտով:
Յայտնեմ այս առիթով, որ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ լիբանանեան աղէտալի կացութեան վերջին անդրադարձներուն: Խաղաղութիւնը հաստատուելէ ետք, դպրոցին կից զէնքի պահեստանոցի մը պայթումը իր ահաւոր վնասները հասցուց ապակիներուն: Ապակիներու նորոգութեան յատկացուեցաւ շուրջ 30 հազար լ. ո. գումար: Չնախատեսուած վնաս մը, որուն դարմանման համար կատարուած նիւթական յատկացումը ծանրակշիռ ազդեցութիւն ունեցաւ դպրոցի ընթացիկ պիւտճէին վրայ:
Բարերար Լ. Մկրտիչեանի կտակէն «Սահակեան»ի օժանդակութեան գումարին յիշեցումը կատարելով Ձեզի, որուն մասին անդրադարձած էինք նաեւ Ձեր հետ հանդիպման ընթացքին Նիւ Ճըրզի, վստահ ենք, որ Ձեր կարելին պիտի չզլանաք անոր ապահովման համար:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
Տնօրէն
Պ. Սիմոնեան
* * *
Պէյրութ, 8 Դեկտեմբեր 1983[xxxii]
Մեծայարգ տիար Միսաք Հայկենց,
Ընդհ. տնօրէն Հ. Բ. Ը. Միութեան,
Նիւ Ճըրզի.
Յարգելի տիար,
Յուսանք ստացած էք Հ. Բ. Ը. Մ.ի եւ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի բարերար Լեւոն Մկրտիչեանի մահուան առիթով մեր յղած ցաւակցական հեռագիրը՝ 26-11-1983 թուակիր: Որոշած ենք իր քառասունքին առիթով կատարել հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:
Ստացած ենք Ձեր 16 Նոյեմբերի 1983 թուակիր նամակը, որով կը յայտնէք թէ յառաջիկայ տարի, Նոյեմբեր ամսուն կրնանք ստանալ Հ. Բ. Ը. Մ.ի մօտ Լեւոն Մկրտիչեանի անուան հիմնադրամէն, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճին համար սահմանուած 10.000 (տասը հազար) ամերիկեան տոլարի գումարը:
Մինչ այդ, Լիբանանէն ներս ստեղծուած քաղաքականօրէն ծանրակշիռ կացութիւնը անդամալուծութեան մատնեց երկրի ամբողջ տնտեսական կեանքը: Երկրի տնտեսական տագնապէն ամենէն աւելի ազդուողը եղաւ հայ դպրոցը: Հազիւ վերամուտը 2 Նոյեմբերին սկսած էր, արդէն շուրջ ամիսէ մը ասդին փակ կը մնան դպրոցները՝ անել կացութեան մատնուելով տնտեսական տեսակէտով: Գանձումները առկախուած են, երկրին ապահովութիւնը չ’արտօներ, որ որեւէ ձեռնարկ կազմակերպենք, բայց կը մնան մեր ուսուցչական կազմին հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւնները: Այս կացութեան մէջ, Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս կ’ուզենք հրաւիրել Սահակեան-Լ.Մկրտիչեան Գոլէճի կացութեան վրայ՝ որ կը զգացնէ նիւթական բացառիկ օժանդակութեան մը կարիքը, դիմագրաւելու համար երկրին ապրած տնտեսական ծանր տագնապը:
Մեր ցանկութիւնը այն է, որ Դուք անձամբ թարգմանը հանդիսանալով Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճին, Հ. Բ. Ը. Մ.ի ցկեանս նախագահ պր. Ալեք Մանուկեանին մօտ, հաղորդակից դարձնէք զինք եւս, ապահովելու համար իր դրական վերաբերումը՝ կատարուելիք նիւթական բացառիկ օժանդակութեան համար:
Մինչ այդ, գոհունակութեամբ տեղեկացանք իր առողջական վիճակի բարելաւման մասին եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի վերջին համագումարին նախագահ Ալեք Մանուկեանի նախագահութեան 30-ամեակը նշելու որոշման մասին: Երեսնամեակ մը, որ լի է բազմաթիւ ազգօգուտ իրագործումներով: Ազգապահպանման նուիրուած ձեռնարկներուն եւ հայ մշակոյթի զարգացման համար կատարուած օժանդակութիւններով:
«Սահակեան»ը եւս ըլլալով ազգապահպանման 60-ամեայ վաստակով բեռնաւոր կրթական հաստատութիւն մը, որուն կառուցման եւ գոյատեւման[xxxiii] մէջ, տարեկան օժանդակութիւններով իր կարեւոր նպաստը բերած է նաեւ Հ. Բ. Ը. Մ.ը եւ անոր արժանընտիր նախագահ Ալեք Մանուկեանը:
Յուսալով ունենալ Ձեր նիւթական բացառիկ օժանդակութեան յատկացման դրական պատասխանը, ընդունեցէք մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնները:
Պէպօ Սիմոնեան
* * *
5/3. Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի նախագահ Ալեք Մանուկեանին
[Պէյրութ,] 14 Օգոստոս 1982[xxxiv]
Մեծայարգ տիար Ալեք Մանուկեան,
Նախագահ Հայկ. Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան,
Տիթրոյթ, Միշըկըն.[xxxv]
Սիրելի պր. Ա. Մանուկեան
Ինչ որ պիտի ըսէի, եթէ դէմ յանդիման գտնուէի Ձեզի հետ անձնապէս, զայն պիտի փորձեմ արտայայտել գիրով: Պարագաներու բերումով մեր Ամերիկա ճամբորդութեան յայտագրէն ակամայ դուրս մնաց Տիթրոյիթ այցելութիւնը: Բայց Նիւ Ճըրզիի մէջ առիթը ունեցանք այցելելու Սետըլ Պրուքի Հ. Բ. Ը. Մ.ի կեդրոնը, ուր հանդիպեցանք ընդհանուր տնօրէն պր. Միսաք Հայկենցին, որուն հետ ժամեր գրաւող խօսակցութիւն ունեցանք սփիւռքահայութիւնը եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ը յուզող հարցերու շուրջ: Յանձին Հ. Բ. Ը. Մ.ի ընդհանուր տնօրէնին՝ ունեցանք բարձր մակարդակի զրուցակից մը:
Թոյլ տուէք, յարգելի պր. նախագահ, նախ շնորհաւորելու Ձեզ Ձեր ծննդեան 80-ամեակին առիթով եւ մաղթելու որ նոր տարիներ գան գումարուելու Ձեր ութսունամեայ պատկառելի եւ վաստակաշատ կեանքին վրայ: Ձեր անձնական կեանքին մէջ եւ գործի ասպարէզին մէջ ձեռք ձգած տնտեսական բացառիկ յաջողութիւնը, բացի Ձեր անձնական կարողութիւնը եւ ձեռնհասութիւնը ցոլացնելէ, հայութեան պատիւ բերող երեւոյթ դարձաւ: Ձեր անձին մէջէն հայութիւնը ողջունեց տնտեսական աշխարհին մէջ փայլող իր զաւկին արտակարգ յաջողութիւնը: Հայութիւնը պիտի չհետաքրքրէր Ձեր կեանքին տնտեսական բարգաւաճութիւնը, եթէ անկէ եւ անոր բարիքներէն մեծապէս չնպաստուէին հայ կեանքին տարբեր բնագաւառները: Ես, ըլլալով մշակոյթի եւ դպրութեան սպասարկու, կ’ողջունեմ այն կրթական եւ մշակութային իրագործումները, որոնք կատարուեցան 1968-էն ասդին, Հ. Բ. Ը. Մ.ի կեանքէն ներս, Ձեր անունը կրող մշակութային հիմնադրամին ստեղծումով: Այն բոլոր մշակութային արդիական կեդրոնները, ամերիկահայ կեանքէն ներս բազմացող հայ դպրոցները, մշակութային հիմնադրամի հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրատարակութիւնները, հայ մտաւորականութեան յատկացուած նպաստները ոչ միայն ազգապահպանման ծառայող ձեռնարկներ եղան, այլ[եւ]՝ սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի զարգացման նպաստող կռուաններ: Սփիւռքի մէջ հայապահպանման կռուանը հայ մշակոյթն է: Հայ մշակոյթը պահելը նպատակ չէ, այլ զայն զարգացնելը: Նոր արժէքներ ստեղծելը: Ինչքա՜ն գնահատելիօրէն գիտակից այս իրողութեան՝ Ձեր նուիրատութիւններուն հիմնական թիրախ դարձուցիք մշակոյթը:
Հ. Բ. Ը. Մ.ը, անկասկած, հայ կեանքին համար ստեղծուած խոշոր բարիք մըն է: Իր հիմնադրութեան թուականէն ասդին ան ծառայած է հայութեան, Հայրենիքին՝ աղէտի թէ յարաբերաբար պայծառ տարիներուն: Հ. Բ. Ը. Մ.ի գործունէութեան վերջին 30 տարիներու ղեկավարութիւնը ճանչցաւ Ձեր նման տիպար մը, որ ո՛չ միայն փայլեցաւ իր անձնական արժանիքներուն, համազգային ղեկավարի յատկանիշներուն փայլով, այլ[եւ] իր մտայղացումներով, ծրագիրներով: Հ. Բ. Ը. Մ.ի գործունէութեան ծիրը ընդլայնելու համապարփակ ընդգրկումներով նոր փայլ ու հմայք աւելցուց Միութեան համազգային առաքելութեան: Ընդգծելի իրողութիւնը այն եղաւ Ձեր ղեկավարութեան օրով, որ Հ. Բ. Ը. Մ.ը դուրս եկաւ լոկ բարեսիրական միութիւն մը ըլլալու եւ մնալու սահմանափակութենէն եւ դարձաւ հայկ. սփիւռքի եւ հայ մշակոյթի գոյատեւման հիմնական[xxxvi] կռուանը:
Ձեր նախագահութեան օրով սփիւռքի հայութեան ենթարկուած ամենէն ուժեղ ցնցումը Լիբանանի աղէտը հանդիսացաւ: Ձեր իրատես ղեկավարի շրջահայեացութիւնը եւ հեռահասութիւնը անգամ մը եւս երեւան եկան լիբանահայ գաղութի վերականգնումին նկատմամբ Ձեր ցոյց տուած վերաբերումով: Քիչ դեր չխաղաց Հ. Բ. Ը. Մ.ի օժանդակութիւնը՝ լիբանահայութեան ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ բարեսիրական կարիքներուն գոհացման մէջ: Վաղը պատմութիւնը կ’արձանագրէ անկասկած, եւ մեծ յոյսով ենք, որ կ’արդարացնէ նաեւ Պէյրութը տակաւին սփիւռքահայութեան գլխաւոր եւ յուսատու կեդրոն ընդունելու Ձեր եւ մեր լաւատեսութիւնը:
Այդ լաւատեսութեան հիմնաքարը հայ դպրոցն է: Լիբանահայ դպրոցին տկարացումը տկարացումն է, հայապահպանման մեր ընդհանուր ճիգերուն հետ, հայակերտումի առաքելութեան: Անկասկած, որ մեր բոլորին հպարտութիւնը կը կազմէ, ինչպէս սփիւռքի տարբեր կեդրոններուն մէջ, Լիբանանի մէջ եւս Հ. Բ. Ը. Մ.ի սեփական վարժարաններուն գոյութիւնն ու հայութեան ու հայկականութեան բերած նպաստը: Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճն ալ իր 60-ամեայ գոյութեան պայքարով եւ ձեռք ձգած վաստակով կը գտնուի այդ առաքելութեան մէջ: Հինէն ի վեր «Սահակեան»ը եւս եղած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի հոգածութեան առարկան: Իր գոյատեւման պայքարին մէջ ան ունեցած է նիւթական նեցուկը Հ. Բ. Ը. Մ.ին: Անոր լաւագոյն վկայութիւնը կը կազմէք Դո՛ւք, անձնապէս շինութեան հանգանակութեան բերած Ձեր նուիրատուութեան բաժինով: Շօշափելի մասնակցութեամբ: Ինչ լաւ բնորոշած էիք Ձեր յղած մէկ նամակին մէջ. «…Մեզի ծանօթ են այն դժուարին ու տխուր պայմանները, որոնց ներքեւ ձեր վարժարանը տասնամեակներ ամբողջ հայ հոգիներ շարունակեց դաստիարակել, զանոնք մկրտեց Ս. Մեսրոպի միւռոնով եւ պարգեւեց մեր ազգին: Արդարեւ, մեծ է բաժինը Սահակեան վարժարանին՝ ազգասէր, մշակութասէր ու հայրենասէր սերունդներ պատրաստելու նուիրական գործին մէջ»:
Լիբանանեան պատերազմի տարիներուն եւս անպակաս եղան Հ. Բ. Ը. Մ.ի օժանդակութիւնները «Սահակեան»ին: Բայց ինչպէս Ձեր սեփական դպրոցներու ամավերջի տեղեկագիրներէն ծանօթ ըլլալու էք, լիբանահայ դպրոցը ինքնաբաւ ըլլալէ շատ հեռու է: Կարիքը կը զգացնէ օժանդակութեան: Միայն այս տարուան բացին մասին գաղափար մը տալու համար յայտնեմ, որ 25 հազար տոլար…: Ու այս բացը տարուէ տարի կ’աւելնայ: Մեր խնդրանքն ու ցանկութիւնը այն է, որ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը[xxxvii] լիբանահայ կրթական կեանքին կատարած իր տարեկան յատկացումի պիւտճէին մէջ ներգրաւէ նաեւ «Սահակեան»ը՝ տարեկան մնայուն եւ մասնայատուկ նպաստ մը որոշելով «Սահակեան»ին համար: Ոչ-սեփական վարժարանի հանդէպ ցոյց տրուած բարեսիրական ոգին առաւել եւս պիտի շեշտէ Հ. Բ. Ը. Մ.ի լայնախոհութիւնն ու համազգային անխտրական դիմագիծը:
Որպէսզի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը, Ձեր բառերով յարգամեծար նախագահ, «աւելի ուժգին փայլող կրթական փարոս մը մնայ լիբանահայ եւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ, ու սերունդներ շարան-շարան գան մասնիկ մը տանելու անկէ, հայ հոգիէն, հայ արժէքներէն եւ վերապրելու մեր դարաւոր կամքէն» կը զգացնէ անձնապէս Ձե՛ր եւ Ձեր ղեկավարած մարդասիրական մեծ միութեան անմիջական հոգածութեան եւ օժանդակութեան:[xxxviii]
Ձեր դրական վերաբերումին հանդէպ լաւատեսութեամբ լեցուն եմ: Լաւատեսութիւնս վառ պահողը այն վստահութիւնն ու հաւատքն են, որ կը սնուցանեմ Ձեր անձին եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ին հանդէպ: Ձեր եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ին ցոյց տուած գերազանցապէս ազնուական վերաբերումով՝ սփիւռքահայ կարիքներուն հասնելու առնչութեամբ: «Սահակեան»ը սփիւռքահայ կարիքաւոր այդ կրթական հաստատութիւնն է: Կա՛մ մին է անոնցմէ: Ահա ի՛նչ որ պիտի ըսէի անկեղծօրէն եւ սրտաբացօրէն, եթէ դէմ յանդիման գտնուէի Ձեզի հետ անձնապէս ու դնէի պահարանի հետեւեալ բովանդակութիւնը Ձեր տրամադրութեան ներքեւ:
Յարգանքներով՝
Պէպօ Սիմոնեան
Տնօրէն
Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի
* * *
[Պէյրութ,] 5 Նոյեմբեր 1982[xxxix]
Յարգելի պրն. Ալեք Մանուկեան,
Նախագահ Հայկ. Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան,
Տիթրոյթ.
Մամուլի էջերէն գոհունակութեամբ հետեւեցանք Ձեր Հայաստան այցելութեան[xl] արձագանգներուն: Հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման իր դրական նպաստը բերաւ Ձեր այցելութիւնը եւ հայրենասիրական ջինջ ու պայծառ ելոյթները՝ որպէս համասփիւռքեան ամենէն մեծ բարեսիրական կազմակերպութեան արժանաւոր նախագահը: Ձեր այցելութեան պատմական նշանակութեամբ եւ ելոյթներուն գերազանցապէս հայրենասիրական բովանդակութեամբ վերանորոգուեցաւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի հայրենասիրական աւանդական գիծը՝ որ Հայրենիքի կողքին եղած է, անկախ նոյնիսկ իր վարչաձեւի հանգամանքէն:
Խորապէս գնահատելի էր նաեւ հայրենի կառավարութեան եւ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին արժանավայել ընդունելութիւնները Ձեզի անձնապէս եւ Ձեր գլխաւորած պատուիրակութեան հանդէպ: Ձեր անձին մէջէն յարգանքը կ’երթար Հ. Բ. Ը. Մ.ին եւ անոր փառապանծ վաստակին:
Ձեր ազգային բարերարի բազմաթիւ ձեռնարկներուն եւ իրագործումներուն վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ Ս. Էջմիածնի մէջ Ձեր բարերարութեամբ իրագործուած հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման նուիրուած թանգարան-գանձատունը՝ մնայուն կոթող մը հայրենի հողին վրայ, որ անկասկած պիտի ծառայէ Ձեր անունը յաւերժացնելու գալիք սերունդներու[ն] համար: Յարգելի պրն. նախագահ, թոյլ տուէք ըսելու, որ ինչ որ հայրենի հողին վրայ կը բարձրանայ՝ յաւիտենական է ու մնայուն: Բայց ինչ որ զիս խորապէս տպաւորեց Ձեր Մայր Հայրենիք այցելութեան առիթով, Հայրենիքի եւ անոր պատմական արժէքի մասին յայտարարած ճշմարտութիւններն էին: Անշուշտ այդ ճշմարտութիւնները առաւել իմաստ ստացան Ձեր բերնին մէջ, որոնք անգամ մը եւս հաստատեցին Ձեր մէջ ճշմարիտ Հայը, համասփիւռքեան ղեկավարը: Ձեր ելոյթէն թելադրուող հայրենասիրական ուղղութիւնը կրնայ ըլլալ համահայկական իրաւ ուղեգիծը ամբողջ սփիւռքահայութեան: Կը շնորհաւորեմ ջերմապէս:
«Արարատ» օրաթերթը եւս ողջունեց ձեր ելոյթը: Կը դնեմ Ձեր տրամադրութեան տակ:
Սիրով՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
- Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան Կեդրոնական Մարմինին
[Պէյրութ,] 25 Մայիս 1981[xli]
2 Ապրիլէն ի վեր Լիբանանէն ներս ծայր տուած պատերազմի նոր բռնկումին պատճառաւ, կեանքի տարբեր բնագաւառներուն հետ կրթական կեանքը անդամալուծուած է։
Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի անմիջական ներկան եւ ապագան յուզող կարգ մը կենսական հարցեր կը ներկայացնեմ Մարմնիդ՝ որպէս սեփականատէր Միութիւնը դպրոցին։
Ա․ Անմիջական ներկան
ա․– Արդէն կրճատուած կազմը Խնամակալութեան, դէպքերու բռնկումէն ի վեր ի վիճակի չեղաւ ժողով գումարելու։ Տարբեր հարց որ Խնամակալութիւնը ներկայ[xlii] կացութիւնը դիմագրաւելու կարելիութենէն զուրկ է։
բ․– Դպրոցին անմիջական ներկան[xliii] յուզող հիմնական հարցը տնտեսական անել կացութիւնն է։ Ուսուցչական կազմի եւ պաշտօնէութեան հանդէպ մինչեւ 30 Սեպտեմբեր Միութեանդ նիւթական յանձնառութիւնն ու պարտաւորութիւնը յարգելու միջոցառումները կը մնան գլխաւոր մտահոգութիւնը Գոլէճի տնօրէնութեան։
գ․– Կրթական նախարարութեան որոշմամբ, կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուները մինչեւ Մայիս ուսուցիչներու ամսաթոշակները լրիւ վճարեցին։ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի ուսուցիչները Ապրիլը գանձելէ ետք, Մայիսի ամսաթոշակներու[ն] համար անորոշութիւն կը տիրէ։
դ․– Գոլէճի[ն] տնօրէնութիւնը կ’առաջարկէ որ Կեդրոնական Մարմինդ յետ ուսումնասիրութեան դպրոցի տնտեսական կացութեան, կայացնէ իր որոշումը եւ հրաւիրէ ուսուցչական կազմը հանդիպումի մը՝ փոխանցելու համար Մարմնիդ որոշումը։
ե․– Գոլէճի[ն] տնօրէնութիւնը կ’առաջարկէ Մարմնիդ տնտեսական այս նեղ ու դժուար օրերէն դպրոցը պատուով դուրս բերելու համար, եւ մանաւա՛նդ պահելու համար անոր ուսուցչական մակարդակը եւ վարկը յաչս հանրային կարծիքին, նիւթական փոխառութիւն մը կատարել ուսուցչական կազմին ամսաթոշակները օրին եւ լրիւ վճարելու համար, ապա խաղաղ օրերուն աշխատիլ զանազան նախաձեռնութիւններով վերադարձնել փոխառութիւնը։
զ․– Գոլէճին անմիջական ներկան յուզող ուրիշ կենսական հարց է հետեւեալը։ Կրթական տարեշրջանը աւարտելու ո[ր]եւէ թուական ճշդուած չէ։ Անպաշտօն աղբիւրներէ կ’իմացուի թէ Սեպտեմբերի սկիզբը կամ աւելի կանուխ շուրջ մէկուկէս ամիս պիտի տրամադրուի 1980-1981 տարեշրջանը աւարտելու համար։ Պէտք է յստակացնել Միութեան դիրքորոշումը։
– 1981 Յուլիս 15-ին վերջ կը գտնէ ուսուցչական կազմի պայմանագրութեան պայմանաժամը։ Յուլիս 15-էն ետք ինքնաբերաբար կը նորոգուի[ն] ուսուցչական կազմին համաձայնագիրները, որը կ’ենթադրէ 1981-1982 տարեշրջանի համար նիւթական նոր յանձնառութիւն։
Կ’առաջարկեմ որ Մարմինդ տայ իր որոշումը Յուլիս 15-էն առաջ, 1981-1982 տարեշրջանի համաձայնագիրներու վերանորոգման շուրջ։
է․– Դպրոցին ընթացիկ հարցերու կարգադրութեան համար անհրաժեշտութիւն է խնամակալ մարմնի մը վերակենդանացումը՝ տնօրէնութեան կողքին, դպրոցին անմիջական ներկան յուզող հարցերու շուրջ որոշումներ առնելու[xliv] համար։
Բ․– Ապագայի յատուկ հարցեր
Յայտնեմ Մարմնիդ որ տնօրէնին եռամեայ Բ․ շրջանը կ’աւարտի ընթացիկ տարեշրջանի վախճանին։
Դպրոցին անմիջական ներկային տնտեսական ոչ-բաղձալի կացութիւնը եւ ապագայի նիւթական անապահովութեան նկատմամբ տիրող անորոշութիւնը, ինչպէս նաեւ նիւթական ապահովութեան երաշխաւորութեան պակասը վստահութիւն չեն ներշնչեր նման պայմաններու տակ շարունակելու տնօրէնութեան պաշտօնը։
Առ այդ Մարմնիդ ուշադրութեան կը յանձնեմ հետեւեալ կէտերը․
ա – Գոլէճին տնտեսական ներկան եւ ապագան խախուտ է։ Աշակերտութեան գանձումները սահմանափակ [են], քանի մեծամասնութիւնը համեստ խաւի ընտանիքներու զաւակներ են։ Առանց հասութաբեր մնայուն ձեռնարկի մը, Գոլէճին վաղուան նիւթական կացութեան ճակատագիրը անորոշ կը մնայ։
Մարմինդ կ’արժէ որ յստակացնէ եւ բիւրեղացնէ այս կացութիւնը եւ նիւթական երաշխաւորութիւնը ապահովէ նախքան ոեւէ մէկը պաշտօնի հրաւիրելը։
բ – Մարմինդ պէտք է սահմանագծէ իրաւասութիւններու եւ պարտականութիւններու շրջագիծը՝ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմնի, Խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, յստակացնելու համար իւրաքանչիւրին դերն ու պարտաւորութիւնները դպրոցին հանդէպ։
Գոլէճի ներքին կանոնագրութեան մէջ (պատրաստուած եւ խմբագրուած տնօրէնութեան կողմէ) տնօրէնին պաշտօնը սահմանագծուած է։ Նմանապէս, Խնամակալութեան համար պատրաստուած կանոնագրութիւնը իր սեւագրութեան վիճակի[ն] մէջ կը պահուի։ Կը մնայ որ Մարմինդ կացութեան նոր լոյսին տակ քննէ եւ վաւերացնէ՝ առ ի յստակացում գործունէութեան եւ պատասխանատուութիւններու։
Կը սպասեմ գրաւոր պատասխանի Մարմնէդ՝ Գոլէճի անմիջական ներկային եւ ապագային վերաբերեալ յուզուած ներկայ հարցերուն առնչուած։
Տնօրէն
[ստոր․՝ Պէպօ Սիմոնեան]
* * *
[Պէյրութ,] 10 Նոյեմբեր 1983[xlv]
Պատուարժան Կեդրոնական Մարմին
Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան,
Աստ.
13/10/1983 թուակիր նամակով՝ ուղղուած Հ. Կ. Բ. Մ.ի Կեդրոնական Մարմնին եւ Գոլէճի Խնամակալութեան, խնդրած էի, որ զոյգ մարմիններէն յանձնախումբ մը հետեւի դպրոցի տնտեսական առօրեային եւ ամէն ամիս աչքէ անց[ը]նելէ ետք դպրոցին ամսական ելեւմուտքը՝ ապահովէ ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան ամսաթոշակները՝ գործադրելով պատասխանատու մարմիններու յատուկ պարտականութիւնը:
Խնամակալութեան ժողովին կարդացուեցաւ նամակը, առանց նամակին կողմէ ներկայացուած պահանջ-խնդրանքին գոհացում տուող պատասխան ունենալու:
Ցարդ Մարմնէդ եւս ո՛չ բերանացի եւ ո՛չ ալ գրաւոր պատասխան ստացած է տնօրէնութիւնը:
Այնքան ատեն, որ պատասխանատուութեան ճշդումը չէ կատարուած, Խնամակալութեան հետ ժողովները ապարդիւն կ’անցնին՝ որովհետեւ Խնամակալութիւնը ի վիճակի եւ իրաւասու չզգար դպրոցին տնտեսական դժուարութիւնները լուծելու:
Դպրոցին տնտեսական առօրեային հետ քայլ պահողը, տապլտկողը, ամսական պիւտճէն ապահովելու մղձաւանջը ապրողը կը մնայ տնօրէնը: 13/10/83 թուակիր նամակով յայտնած էի, որ յատկապէս առողջական պատճառներով, 1 Հոկտեմբեր 1983-էն, սկսեալ տնօրէնը, բացի գանձումներէ, ինքզինք պատասխանատու չի նկատեր ուսուցչական կազմի եւ պաշտօնէութեան ամսաթոշակներուն նկատմամբ:
Փաստօրէն ո՛չ մէկ մարմին, յանձնախումբ դպրոցին շուրջ, որ ինքզինք իրաւասու նկատէ դպրոցի տնտեսական վիճակին նկատմամբ:
Կարելի չէ այսպէս իր վիճակին ձգել: Այս վիճակին շարունակուիլը կը վնասէ դպրոցին վարկին, տնօրէնին եւ պատասխանատու մարմիններուն հեղինակութեան: Մասնաւորաբար տնօրէնին՝ քանի ան է դպրոցէն ներս ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու պարտականութեան վրայ վերահսկելու պատասխանատուութիւնը ունեցող անձը:
Գանձումներու ընթացքը դանդաղ է, ինչպէս նշած էի եւ նախատեսած՝ 7 Հոկտեմբեր 1983 թուակիր տնտեսական տեղեկագրիս մէջ: Մինչեւ այս նամակին խմբագրումը, ոչ միայն կրթաթոշակներէն գանձում չէ եղած, այլ[եւ] մուտքի տուրքերը եւ այլազանքը, որ ամէն տարի պարտադիր կը գանձուէր, մինչեւ օրս չվճարող ընտանիքներ կան՝ տնտեսական տագնապին հետեւանքով:
Դպրոցին տնտեսական վիճակին նկատմամբ հաւաքական պատասխանատուութիւնը զգացնելու եւ զօրացնելու համար, կ’առաջարկեմ Ուսուցչական կազմ – Հ. Կ. Բ. Մ. խառն հանդիպում՝ Գոլէճին տնտեսական վիճակին իսկական եւ հարազատ պարզումէն ետք համապատասխան թելադրութիւնները կատարելու համար ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան:
Յուսալով այս անգամ ունենալ Ձեր պատասխանը,
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ
եւ յարգանքներով՝
Տնօրէն
[ստոր․՝ Պ. Սիմոնեան]
* * *
[Պէյրութ,] 19 Օգոստոս 1984[xlvi]
Պատուարժան Կեդրոնական Մարմին Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի,
Աստ․
10 Օգոստոս 1984[-ի] Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմին, Խնամակալութիւն, տնօրէնութիւն խառն նիստին կարդացուած հաշուական տեղեկագիրը կը նկատեմ թէ երբեք առարկայական մօտեցում չէր արտայայտեր։ Մասնաւորաբար որակումները կը կրէին անձնական քինախնդրութեան մը ոգին։ Եթէ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմինը պիտի իւրացնէ այդ տեղեկագրի բովանդակութիւնը, կ’առաջարկեմ, որ Խնամակալութենէն եւ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմնէն խառն յանձնախումբ մը քննելէ ետք իր հաւաքական տեղեկագիրը ներկայացնէ, որ կրնայ աւելի հարազատ, աննախապաշար եւ առարկայական ըլլալ։
Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմնի ներկայացուցիչը դպրոցի հաշուապահուհիին հետ, որ անփորձ բայց հաւատարիմ երիտասարդուհի մըն է, ջղային, վիրաւորական յարաբերութիւնով, իրարու փոխադարձ վիրաւորանք պատճառած են։ Տեղեկագրին վրայ իր անդրադարձը ունեցած է յարաբերութեան այդ ոճը, կերպով մը վարկաբեկելու մտադրութեամբ։
Թոյլ տուէք ըսելու, որ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի ներկայացուցիչին հաշուեքննութիւնը երբեք ամբողջական բնոյթ չէր կրեր։ Նման տպաւորութիւն մը բանաձեւելու համար, պէտք է կատարուեր աւելի ամբողջական քննութիւն մը, բարեխղճօրէն, ապա այդքան անխնայ տեղեկագիր մը պաշտօնականացուէր։
Յայտնեմ թէ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի ներկայացուցիչը նոյն վիրաւորանքը արտայայտեց նաեւ Խնամակալութեան կողմէ պատրաստուած իրագործուած պիւտճէի տեղեկագրի մասին, իր դիտողութեան համար երբ դիտել տրուեցաւ, որ Խնամակալութեան հաշուապահական մասնագիտութիւն ունեցող անդամը իր ըմբռնումներով պատրաստեց, պատասխանեց․ «Վրաս գրէ անոր մասնագիտութիւնը»։
Նուազագոյնը ըսելու համար, ճիշդ չէր նաեւ, Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմնի անդամի հանգամանքով ներկայացուցիչի մը, ուսուցչուհիի մը ներկայութեան, տնօրէնին ուղղուած հետեւեալ ակնարկութիւնը․ «Դպրոցին բոլոր ուսուցիչները եւ պաշտօնեաները գալ տարի պիտի արձակեմ»։
Հետագայ աւելի ճիշդ փոխյարաբերութիւններու համար, որոնք պարզուած են կանոնագրութեան մէջ, կը յղեմ այս գիրը։
Յարգանքներով՝
Տնօրէն
Պէպօ Սիմոնեան
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
ARMENIAN BENEVOLENT EDUCATIONAL UNION
SAHAGUIAN-L. MEGUERDITCHIAN COLLEGE
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ԼԵՒՈՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ԳՈԼԷՃ
Սին էլ-Ֆիլ – Լիբանան
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ PRINCIPAL
Beirut, 10 Սեպտեմբեր 1984[xlvii]
Պատուարժան Կեդրոնական Մարմին Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի,
Աստ․
Ստորագրեալս Պետրոս Գալայճեան (Պէպօ Սիմոնեան) կու գամ Ձեր տրամադրութեան տակ դնելու հրաժարականս 1985-1986 տարեշրջանի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութենէն (եթէ ուշ չըլլար՝ այս տարեշրջանէն սկսեալ):
Առողջական վիճակս չի ներեր այսուհետեւ նման ծանր պատասխանատուութեան յանձ[ն]առու ըլլալ։
Տարի մը առաջ ներկայացնելով հրաժարականս, ցանկութիւնս է դիւրացնել Մարմնիդ աշխատանքը նոր տնօրէնի մը ընտրութեան եւ նշանակման համար։
Յաջողութիւն մաղթելով Ձեր կրթանուէր աշխատանքներուն,
Պետրոս Գալայճեան (Պէպօ Սիմոնեան)
[ստոր․՝ Պ․ Գալայճեան]
* * *
- Հ. Ս. Ս. Հ.ի Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութեան
[Պէյրութ, հաւանաբար 1984-ի ամառուան սկիզբ][xlviii]
ԴԻՄՈՒՄՆԱԳԻՐ
Խ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՄԱՆ ՄԻՆԻՍՏՐՈՒԹԵԱՆ
Ստորագրեալս՝ Պէպօ Սիմոնեան, բուն անունով Պետրոս Գալայճեան, կը խնդրեմ որ թոյլ տաք հեռակայ կարգով պաշտպանել թեկնածուական թէզս բանասիրական գիտութիւններու գծով՝ Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան ինստիտուտի մօտ:
Յոյսով եմ, որ Հայաստանի Բարձրագոյն Ուսման Մինիստրութիւնը հիմնուելով կենսագրութեանս տուեալներուն վրայ, կը ջանայ գոհացում տալ ցանկութեանս, ընդունելով թեկնածութեանս դիմումնագիրը յառաջիկայ տարեշրջանի[ն] (1984-1985) համար:
Պէպօ Սիմոնեան
[ստորագրութիւնը կը բացակայի][xlix]
* * *
- Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Վարչութեան
[Պէյրութ,] 23 Դեկտեմբեր 1982[l]
Պատուարժան Վարչութիւն
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան,
Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մեր ճամբորդութեան տպաւորութեան մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւեց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հետ մեր հանդիպումը, վարչական կազմերուն հետ ծանօթացումը, Միութեան կեանքին հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը:
Ուրախութիւն էր հաստատել, որ թուականէս մօտաւորապէս քառորդ դար առաջ, Լիբանանի մէջ հիմնուած «Նոր Սերունդ»ը, արդէ՛ն սկսած է ճիւղաւորուիլ հայկական գաղութներու մէջ, որպիսին է Թորոնթոն եւ Լոս Անճելոսը: Լիբանանի օրինակով եւ Լիբանանէն մեկնած մշակութանուէր անձեր ծնունդ տալով Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, կարեւոր նպաստ բերին իրենց գտնուած հայկական գաղութի մշակութային կեանքին, որովհետեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը իւրայատուկ առաքելութիւն մը ունի հայկական սփիւռքի մէջ, որ զինք կը զատորոշէ այլ կազմակերպութիւններէ: Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը իր գործունէութեամբ հանդիսացած է հայրենասիրական շաղախը Հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման:
Թոյլ տուէ՛ք, սիրելի ընկերներ, իմ շնորհակալութիւններս յայտնելու այն գինեձօն-ընդունելութեան համար, որ վարչութիւնդ կազմակերպեց մեր այցելութեան առիթով: Երկար տարիներ «Նոր Սերունդ»էն ներս ծառայած եմ եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը ինծի համար եղած է երկրորդ դպրոց մը: Կը քաջալերեմ Ձեր գործունէութիւնը եւ կը մաղթեմ, որ բոլորուիք «Նոր Սերունդ»ին շուրջ՝ ծառայելու անկեղծ հայրենասիրութեամբ Հայ Մշակոյթին, հայոց Հայրենիքին, ազգապահպանման նուիրական նպատակին:
Մշակութային գործունէութեան նորանոր մաղթանքներով եւ համակրական զգացումներով,
Ձերդ՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
- «Սովետական Գրող» հրատարակչութեան
[Պէյրութ,] 10 Փետրուար 1984[li]
Յարգելի ընկեր Ֆելեքեան,[lii]
Տնօրէն «Սովետական Գրող» հրատարակչատան,
Երեւան․
Անցեալ ամառ Երեւան գտնուած օրերուս հետաքրքրուած էի «Սովետական Գրող» հրատարակչատունէն 1981-ին լոյս տեսած բանաստեղծութիւններու հատորիս «Մարդեղութիւն», հոնորարը գանձելու հարցով։
Ըստ 20 Օգոստոս ագրուած մեր համաձայնագրին, երեք ամիս ետք հոնորարս պիտի ստանայի արտասահմանեան դրամանիշով։ Մինչեւ օրս տակաւին ոչ մէկ լուր ստացած եմ։
Սոյն գիրովս կը դիմեմ Ձեզի, որ բարի ըլլաք հետաքրքրուելու եւ ինծի անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները տալու։ Այն պարագային երբ գոհացուցիչ պատասխան մը չստանամ, ուղղակի պիտի կապուիմ Մոսկուայի «Արտասահմանեան Հեղինակներու իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կոմիտէ»ին։
Սոյն նամակին երկրորդ օրինակը կը դնեմ Երեւանի ՎԱՊ-ի տրամադրութեան տակ։
Յուսալով ստանալ Ձեր շուտափոյթ պատասխանը,
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ եւ յարգանքներով՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
[Պէյրութ,] 6 Օգոստոս 1984[liii]
Յարգելի ընկեր Ռ․ Յովսէփեան,[liv]
Գլխաւոր խմբագիր «Սով. գրող» հրատարակչութեան,
Երեւան.
Հաճոյքով ստացայ Երեւան տպուած բանաստեղծութիւններու հատորիս հեղինակային հինգ օրինակները: Անձնական միջոցներովս ճարած գիրքերս արդէն սպառած էին բարեկամներու նուիրելով: Ստացուած օրինակները պահանջքի մը գոհացում տուին, որուն համար ընդունեցէ՛ք շնորհակալութիւններս:
Ուրախութեամբ կու գամ յայտնելու թէ ստացայ նաեւ Մոսկուայի Արտասահմանեան Հեղինակներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կոմիտէի հոնորարի գանձումի հրամանագիրը, որու համաձայն գանձեցի նիւթական իրաւունքս:
Առաջին անգամ ըլլալով հրատարակած գիրքիս համար հոնարար կը գանձէի: Այդ տեսակէտով ալ ուրախութեան արձագանգները կը շարունակեն հոգիիս մէջ մնալ:
Թոյլ տուէք Ձեր հրատարակչութեան յայտնելու իմ սրտագին շնորհակալութիւններս:
Սիրով՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
- Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
10/1․ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինին
[Պէյրութ,] 23 Նոյեմբեր 1982[lv]
Պատուարժան Վարիչ Մարմին Լիբանանի Շրջանի,
Աստ․
Կրթական վերամուտի առիթով կուսակցութեան Ներքին Դիւանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած ընկերներ Մելքոն Սեֆէրեանէ եւ Արմէն Ղարիպէ,[lvi] ընդունեց տնօրէնութիւնը։ Սոյն հանդիպման ընթացքին թելադրուեցաւ տնօրէնութեան, որ կուսակցութեան Ներքին Դիւանին կողմէ յանձնարարուած ընկերներու ընտանիքներուն զեղչի դիմումնագիրները նկատի առնուին։ Տնօրէնութիւնը խոստացաւ զայն Կրթանպաստի Յանձնախումբին փոխանցել։
Գոլէճի[ն] Խնամակալութիւնը կազմեց իր Կրթանպաստի Յանձնախումբը, ուր ներկայացուած են Խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ Ծնողական Վարչութիւնը։ Տնօրէնութիւնը Կրթանպաստի Յանձնախումբէն ներս կը ներկայացնէ մէկ ձայն։
Կրթանպաստի Յանձնախումբը 1982-1983 տարեշրջանի համար պիւտճէին մէջ նախատեսած բացը նկատի ունենալով եւ Խնամակալութեան թելադրութեամբ, որոշեց մերժել զեղչի համար ներկայացուած դիմումնագիրները։ Յայտնենք այս առիթով, որ կուսակցական պատասխանատուներու կողմէ յանձնարարուած կարգ մը ընտանիքներ զեղչի կարօտ չեն, ըստ Կրթանպաստի Յանձնախումբին ուսումնասիրութեան եւ իրեն հասած տեղեկութիւններուն։
Կրթանպաստի Յանձնախումբը եկաւ հաստատելու նաեւ այն իրողութիւնը, որ ժողովուրդին մօտ ընդհանրացած է սխալ մտածողութիւն մը, ըստ որում «Սահակեան»ը ձրիավարժ դպրոց է, կուսակցական ընտանիքներու զաւակներ կրնան օգտուիլ, ինչ որ մեծապէս կը վնասէ տարուէ տարի ծանրացող պիւտճէի հաւասարակշռման, սպառնալով դպրոցին գոյութեան։
Ձեր տրամադրութեան տակ կը դնենք Կրթանպաստի Յանձնախումբին այն շրջաբերական-բացատրագիրը, որ ղրկուեցաւ զեղչի դիմումնագիր լեցուցած ընտանիքներուն։
Յայտնեմ որ այսուհետեւ կուսակցական մարմիններու կապը [թող] ըլլայ Կրթանպաստի Յանձնախումբին կամ Խնամակալութեան հետ։
Մինչ այդ տնօրէնութիւնը ստացաւ «Տխրունի» Ուսանողական Միութեան Դիւանին կողմէ ստորագրուած նամակ, որ տնօրէնութեան խիստ նկատառման կը յանձնուի իրենց՝ դպրոցի աշակերտ անդամներուն տնօրէնութեան կողմէ ազդարարագիր չղրկուելու պարագան։
Նամակը կը կրէ անփափկանկատ[lvii] ոճ։ Մանաւանդ որ ստորագրողներէն մէկը դպրոցի աշակերտուհին է։ Կուսակցութեան ուսանողական միութեան դիւանապետի պաշտօնը վարող ընկերէ մը նուազագոյնը կ’ակնկալուէր որ ունենար տարրական փափկանկատութիւնը տնօրէնին ուղղուած նամակին տակ աշակերտի մը ստորագրութիւնը չդնելու։ Տնօրէն-աշակերտ փոխյարաբերութեան մէջ լաւ[lviii] նախընթաց մը չստեղծէր։[lix]
Մեր ղրկած[lx] ազդարարագիրները կը վերաբերին այն կանխավճարներուն, որոնք պէտք է վճարուած ըլլային մուտքի արձանագրութեան ընթացքին։[lxi]
Առա՛նց այդ խստապահանջութեան, խստապահանջութիւն մը, որ խստապահանջութիւն չէ ուրիշ դպրոցներու պարագային, դպրոցին իր ուսուցչական կազմին հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններուն մէջ թերացում կ’արձանագրուի, ինչ որ կը վնասէ դպրոցի վարկին։
Տնօրէնութիւնը այս նախանձախնդրութեամբ կը գործէ․․․։[lxii]
Կուսակցական մարմիններ միայն ընկերական դիւրին եւ հաճոյակատար պարտականութեամբ չգոհանան, այլ հաւասարապէս նախանձախնդրութիւն ցոյց տան, մօտէ՛ն հետաքրքրուելով դպրոցներու կացութեան հետ եւ այս տարուան դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն առնչութեամբ։
Այս առիթով յայտնեմ թէ Թ․ դասարանէն աշակերտի մը՝ Արամ Արթինեան, դպրոցին կարգապահութիւնը գործադրելու առնչութեամբ՝ ընտանիքին կողմէ, մայր եւ եղբայր, ենթարկուեցանք սպառնական եւ անարգական ոճով այցելութեան, որուն պատահաբար ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Վարիչ Մարմնի անդամներէն ընկեր Տիրան Ճերեճեան։ Որքան որ գիտենք, հայրը «Աղասի» մասնաճիւղի անդամ է։ Կ’արժէ որ Ներքին Դիւանի գծով հարցապնդուի եւ կանխուին ուրիշ պարագաներ։
Յարգանքներով՝
Տնօրէն
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
10/2․ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան
[Պէյրութ,] 23 Մայիս 1983[lxiii]
ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ
ՍԱՀԱԿԵԱՆ-Լ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ԳՈԼԷՃԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ
ԿՈՂՄԷ Ս. Դ. Հ. Կ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՂՂՈՒԱԾ
Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի օրինաւոր սեփականատէրը յաչս պետութեան եւ հանրային կարծիքին Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը ըլլալով հանդերձ, կալուածին բուն իրաւատէրը կը մնայ Ս. Դ. Հ. Կուսակցութիւնը, ունենալով նաեւ իր բարոյական հեղինակութեան իրաւասութիւնը դպրոցի կրթական կեանքին վրայ:
Այս իրողութենէն մեկնելով, այն պարագային, որ Հ. Կ. Բ. Մ.ի Կեդրոնական Մարմինը անգործունեայ վիճակի մատնուի, ինչպիսին է այս օրերուն իր վերակազմութեան առիթով, (9) ամիս, ինչ որ պատահեցաւ պատերազմի տարիներուն, կամ եթէ Հ. Կ. Բ. Մ.ի Կեդրոնական Մարմինը չկրցաւ դպրոցին հանդէպ իր նիւթական պարտաւորութիւնները յարգել, ի՞նչ է ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ «ՍԱՀԱԿԵԱՆ»Ի ՀԱՆԴԷՊ, ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ: ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱ՞Ն, ԹԷ՞ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄՆՈՅ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ է:
Գոյութիւն ունեցող եւ ասկէ առաջուան Խնամակալ մարմինները իրենք զիրենք պատասխանատու եւ իրաւասու չեն նկատեր դպրոցին պիւտճէին նկատմամբ, այնքան ատեն որ Հ. Կ. Բ. Մ. մը կայ, որ յաչս Խնամակալութեան՝ պատասխանատուն է դպրոցի պիւտճէի հաւասարակշռման: Տնօրէնութիւնը այս երկու մարմիններու միջեւ եւ յաճախ անոնց անհաղորդ յարաբերութիւններէն եւ երկուութիւններէն դժուարութիւններու կը հանդիպի:
Պարտականութիւններու եւ իրաւասութիւններու ճամբով, դպրոցին ԱՄՍԱԿԱՆ եւ ՏԱՐԵԿԱՆ բացերուն նկատմամբ պատասխանատու եւ իրաւասու կը մնայ Հ. Կ. Բ. Մ.ը եւ իր կողմէ նշանակուած Խնամակալ մարմինը: Կը մնայ, որ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը պաշտօնի կոչուած կամ կոչուելիք մարմիններուն պարտականութիւնները ճշդող կանոնագրութեամբ սահմանէ այս պարտաւորութիւնը:
Այժմու տնօրէնը այսուհետեւ իրը չի նկատեր այս պարտականութիւնը: Հաւաքականութեան արժանապատուութենէն մղուած, ոչ մէկ ուսուցիչ եւ պաշտօնեայ իր իրաւունքներուն գծով տնօրէնութենէն վեր գտնուող մարմիններուն ներկայացած է ցարդ:
1983-1984 տարեշրջանի կապապակցութեամբ կու գամ պաշտօնապէս հաղորդելու, թէ բացի տնօրէնութեան յատուկ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ, որոնք սահմանուած են տնօրէնի մը համար, կը հրաժարիմ դպրոցին մասնաւորաբար ամսական բացին մղձաւանջը տնօրէնութեան պարտականութիւնը նկատել:
Կուսակցական տնօրէնի խղճմտանքով կ’ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել բազմիցս շեշտուած այն իրողութիւնը, որ կուսակցութեանս համար կենսական ինչպիսի՜ նշանակութիւն ունի «Սահակեան»ը, որ մինչեւ օրս հնարաւոր իր միջոցներով ստեղծած է ուսուցչական այժմու ընդունելի քատր մը (նիւթական պայմաններու բարելաւումով, առաւել եւս որակաւորելու սկզբունքով) այսուհետեւ կու տայ իրմէ ակնկալուած թէ’ կրթական արդիւնքy, թէ’ ազգային գաղափարական կազմաւորումով յառաջացող սերունդը: Կը մնայ, որ Կուսակցութիւնը առաւել շօշափելի իր նպաստը բերէ «Սահակեան»ի զօրացման: Առաւել ուշադրութեան կեդրոն դարձնէ անոր կրթական եւ գաղափարական բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ շէնքի օգտագործման կարելիութիւնները:
Ընկերական յարգանքներով՝
Տնօրէն
Պէպօ Սիմոնեան
[ստորագրուոիւնը կը բացակայի]
* * *
[Պէյրութ,] 31 Յուլիս 1985[lxiv]
Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութիւն,
ԱՍՏ․
Կեդրոնական Վարչութեան վերջին նիստին, 29 Յուլիս 1985, կարդացուեցաւ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմնի ատենադպիր Զաւէն Ղարիպեանին նամակը, որ կը պահանջէ հեռացումը «Սահակեան»ի տնօրէն Պէպօ Սիմոնեանին, որպէս պատասխանատուն «Սահակեան»ի ներկայ կացութեան։ Վիրաւորուած նամակին բովանդակութենէն, որ բացայայտ թշնամական կիրքէ մղուած ուրացումն է իմ կրթական-մանկավարժական՝ գաղութին մէջ յայտնի երեսնամեայ ծառայութեան վաստակիս եւ կարողութիւններուս, որպէս առաջին հակազդեցութիւն Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի ատենապետին ուղղուած նամակով բացատրութիւն պահանջեցի սոյն կեցուածքի մասին։ Ըստ ատենապետին՝ ժողովին մէջ յայտնած վկայութեան, Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմնի ոչ-կուսակցական անդամներուն ընդհանուրին կարծիքն է։
Յայտնեմ, որ Զաւէն Ղարիպեանին նամակը որքան անձնապէս ինծի համար վիրաւորական է, նոյնքան ալ Կեդրոնական Վարչութեան համար նսեմացուցիչ է, նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը միաձայնութեամբ եւ անվերապահօրէն զիս տնօրէնի պաշտօնիս վրայ վերահաստատեց։ Ըստ Զաւէն Ղարիպեանի նամակին բովանդակութեան, Կեդրոնական Վարչութիւնը տնօրէն Պէպօ Սիմոնեանը որպէս տնօրէն պահելու որոշումով մեղսակից է այն «արիւնահոսութեան», որ ներկայիս տեղի կ’ունենայ «Սահակեան»էն ներս։
Պատասխանատու հանգամանք վայելող անձի մը կողմէ նման անպատասխանատու եւ անպատկառ ելոյթ մը կուսակցութեան գերագոյն հեղինակութեան դէմ՝ չի կրնար անտարբեր պահել Կեդրոնական Վարչութիւնը։
Յստակացնելու համար կարգ մը էական հարցեր, կ’առաջարկեմ․
Ա․– Ըստ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի ատենապետ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Վ․ Ճերեճեանի վկայութեան, Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի անդամներուն մեծամասնութիւնը կը բաժնէ Զաւէն Ղարիպեանին տեսակէտը տնօրէնին մասին։ Կ’առաջարկեմ որ Կեդրոնական Վարչութիւնը Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմնէն գրաւոր պահանջէ այդ տեսակէտը եւ այդ հիման վրայ եթէ համոզիչ գտնէ, յետ քննութեան, տնօրէնին վերաբերեալ ներկայացուած գրաւոր պատճառաբանութիւնները, ընդունի հրաժարականս տնօրէնի պաշտօնէն։
Բ․– Օրինականութեան առջեւ տնօրէնը պաշտօնեան է Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի։ Որպէս տնօրէն, ինչպէ՞ս կրնամ ընդունիլ, որ Մարմնին մեծամասնութեան համարումը եւ վստահութիւնը չունենալով անձիս նկատմամբ՝ շարունակեմ տնօրէնի պաշտօնը, անշնչելի մթնոլորտի մը մէջ։ Վիրա[ւ]որական կը գտնեմ Կուսակցութեան կողմէ պարտադրուած տնօրէն մնալ։
Վայելած համարումիս եւ վստահութեանս շնորհիւ ինն տարի մնացի։ Տնօրէն փորձելու համար երկու տարին բաւարար է։ Եթէ այսօր «Սահակեան»էն ներս տնօրէնութեանս թեւակոխած տաս[ն]երորդ տարին կ’անդրադարձուի իմ անբաւարարութիւններուս, որոնց ինչ ըլլալէն բացարձակապէս անտեղեակ եմ, թոյլ տուէք ըսելու թէ իմ մեղքս չէ, այլ՝ մարմիններու։ Իսկ իմ կարծիքովս, մարմիններու դպրոցին տնտեսական տագնապը չկարենալ լուծելու[lxv] ապիկարութիւնը այլ շարժառիթներու զուգակցումով անմարդկային եւ անազնիւ եղանակներով քաւութեան նոխազ կը դարձնէ տնօրէնը՝ խաչակրութեան արշաւով մը։
Գ․– Հակառակ ներկայացուցած զոյգ տեղեկագիրներուս, որոնք կը վերաբերէին ընթացիկ տարեշրջանը փակելու համար պիւտճէի բացը գոցելու յանձնառութեան եւ նախորդ տարիներու պարտքերը փակելու խոստումներուն, ՈՉ ՄԷԿ ԱՐՁԱԳԱՆԳ։[lxvi] Այս անտարբերութիւնն է, որ արիւն հոսիլ կու տայ «Սահակեան»ի վարկէն եւ մակարդակէն։
Տիրող անորոշութիւնը, ձգտուածութիւնը, տնօրէնին հեռացումը պահանջող տրամադրութիւններու դրսեւորումը կրնան իրապէս արիւնահոսութեան նոր սկիզբ մը դառնալ։
Վերեւ նշուած հարցերուն յստակացումէն կախում ունի դպրոցին թէ՛ ընթացիկ տարեշրջանի[ն] յատուկ եւ թէ՛ նոր տարեշրջանի կազմակերպման յատուկ հարցերու վերաբերեալ տնօրէնութեան պարտականութեան շարունակումը։
Այս կերպով չէ որ դպրոց կը պահուի։ Տնօրէն մը բարոյազրկելով, վարկաբեկելով պարզապէս խարանած կ’ըլլանք իր դրական եւ շինարար ծրագիրներ[ը], որոնց ձեռնարկած էր ան, ամառնային արձակուրդի օրերը զոհելով ծրագիրներու մշակումին, եթէ սիրտ ու տրամադրութիւն ձգուէր։ Ոչ ոք, բացի քանի մը անձնական քինախնդրութեամբ եւ կիրքով գործողներու նեղ շրջանակէն, «Սահակեան»ի տնօրէնին վայելած յարգանքն ու հեղինակութիւնը Հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին վրայ նսեմացնել․ այս ալ՝ անհամեստաբար։
Պէպօ Սիմոնեան
[ստորագրութիւնը կը բացակայի]
* * *
- Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին
[Պէյրութ, 1967-ի կէս][lxvii]
«Ստեղծման առաջին օրէն իսկ,– գրում է Պէյրութի Ռուբինեան վարժարանի տնօրէն Պէպօ Սիմոնեանը,– բարձր գնահատեցինք Կոմիտէի ծաւալած գործունէութիւնը, ցուցաբերած ոգին ու հետաքրքրութիւնը սփիւռքահայ գաղթօճախներու մշակութային, կրթական ու մարզական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու նկատմամբ: Սփիւռքի մէջ ապրող հայ մարդուն սիրտը ուրախութեամբ եւ հրճուանքով կը լեցնէ նման կոմիտէութեան մը ստեղծումը Հայրենիքէն ներս: Անհրաժեշտութիւն մըն էր անիկա, եւ կատարելիք կարեւոր դեր մը ունի Սփիւռքի հայապահպանման գերազանցապէս նուիրական գործին մէջ»:
* * *
[Պէյրութ,] 4 Մարտ 1983[lxviii]
Յարգարժան Նախագահութիւն Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի
Կոմիտէութեան,
Երեւան.
Յարգելի նախագահ պր. Վարդգէս Համազասպեան,
Ձեզի պաշտօնապէս տեղեկացուցած էինք արդէն «Սահակեան»ի 60-ամեակի յոբելեանի մասին:
Կ’ուզենք տեղեակ պահել ցարդ կատարուած աշխատանքներու եւ առնուած որոշումներու մասին:
Կազմուած է Յոբելինական Գործադիր Մարմին, որ յատուկ հաղորդագրութեամբ հանդէս եկած է հայ մամուլին մէջ: «Հայրենիքի Ձայն»ին եւ «Սովետական Հայաստան»ին ուղղուած գրականութեան մէջ ղրկուած է նաեւ հաղորդագրութիւնը: Պիտի ուզէինք զայն տպուած տեսնել:
Մօտ օրէն մամուլով պիտի յայտարարուի նաեւ պատուոյ նախագահութիւնը, որուն մաս պիտի կազմէք նաեւ Դուք՝ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան նախագահի Ձեր հանգամանքով:
Յոբելինական Գործադիր Մարմինը 20 Նոյեմբեր 1983-ին համար նախատեսուած յոբելինական եզրափակիչ հանդիսութեան կը հրաւիրէ Ձեզ եւ Կոմիտէութեան բաժնի վարիչ պր. Արմէն Արսլանեանը՝ որպէս Հայրենիքի հիւրեր: Այս մասին տեղեակ պահած ենք նաեւ խ. դեսպանատան [մէջ] Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ Թելման Յարութիւնեանն ու Ռոմէն Քոզմոյեանը:
Ինչ կը վերաբերի եզրափակիչ հանդիսութեան համար հրաւիրուելիք արուեստագէտներուն, յառաջիկային մեր եզրակացութեան արդիւնքները անձերու որոշման կապակցութեամբ, առանձին նամակով կը հաղորդենք Ձեզի: Արուեստագէտները պիտի գլխաւորէ Արմէն Արսլանեանը:
«Սահակեան»ի 60-ամեակի առիթով Ձեր եւ հայրենի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը անկասկած որ պիտի ստեղծէ խանդավառութիւն եւ պիտի աւելցնէ յոբելինական հանդիսութեան փայլը:
Յուսալով որ դրական կ’ըլլայ Ձեր պատասխանը, կը սպասենք Ձեր պատասխանին:
Տնօրէն Ատենադպիր Ատենապետ
Պէպօ Սիմոնեան Օննիկ Ճամպուլեան[lxix] Վահրիճ Ճերեճեան
* * *
[Պէյրութ,] 13 Յունիս 1983[lxx]
Յարգարժան Նախագահութիւն Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան,
Երեւան.
Յարգելի նախագահ պր. Վարդգէս Համազասպեան,
«Սահակեան»ի 60-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 20 Նոյեմբեր 1983-ին, Կիրակի, Ձեր եւ բաժնի վարիչ Արմէն Արսլանեանին հետ որպէս արուեստագէտներ կը հրաւիրենք ասմունքող Վալոտիա Ապաճեանն[lxxi] ու երգչուհի Ռաիսա Մկրտիչեանը:[lxxii] Դաշնակով ընկերակցողի նշանակումը կը ձգենք Ձեր հայեցողութեան:
Ուրախ ենք յայտնելու, որ ցարդ տեղի ունեցած յոբելինական հանդիսութիւնները պսակուեցան յաջողութեամբ:
Ձե՛ր եւ հայրենի արուեստագէտներուն մասնակցութեամբ յոբելինական եզրափակիչ հանդիսութիւնը պիտի ստանայ հայրենասիրական բովանդակութիւն եւ որակ՝ յառաջացնելով խանդավառութիւն ժողովրդական շրջանակներէն ներս:
Ընդունեցէ՛ք մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները:
Ի դիմաց 60-ամեակի Յոբելինական Գործադիր Մարմնի՝
Տնօրէն Ատենապետ
Պ. Սիմոնեան Վահրիճ Ճերեճեան
* * *
[Պէյրութ,] 12 Նոյեմբեր 1983[lxxiii]
Յարգարժան Նախագահութիւն Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան,
Երեւան.
Յարգելի նախագահ պր. Վարդգէս Համազասպեան,
Գոհունակութիւնը ունինք յայտնելու թէ լիբանահայ դպրոցը, ստեղծուած քաղաքականօրէն անբարենպաստ եւ անապահով պայմաններու հետեւանքով, ուշացումով ունեցաւ կրթական վերամուտը։
Լիբանահայ այլ վարժարաններու կարգին Սահակեան-Լ․ Մկրտիչեան Գոլէճը եւս ունեցաւ իր կրթական վերամուտը՝ աշակերտական բնական քանակով։ Կրթական վերամուտի հետ, նախորդ տարիներու հետեւողութեամբ, ծրագրուած է ունենալ Լսարանային յայտագիրներ աշակերտութեան համար՝ ազգային-հայրենասիրական բովանդակութեամբ։ 30 Նոյեմբերի յայտագիրը՝ Նոյեմբեր 29-ի առիթով, նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանին՝ Հայաստանի Օր անունին տակ։
Նոյեմբեր 29-ի տօնակատարութեան աւանդութիւնը մինչեւ օրս «Սահակեան»էն ներս կը պահուի։
Յարգելի պր․ նախագահ,
Լիբանահայ տնօրէններով Ձեր հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաք դպրոցներուն Կոմիտէութեան կողմէ ղրկուելիք նուագարաններու մասին, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ նուագախումբեր ստեղծել։ «Սահակեան»ը իր երաժշտութեան ուսուցիչին՝ պր․ Անդրանիկ Գրաճեանի գլխաւորութեամբ, որոշած է աշակերտական նուագախումբ ստեղծել, որուն համար, Ձեր թելադրութեան համաձայն, կը ներկայացնէ նուագարաններու (դասական եւ հայկական ժողովրդական-աշուղական) ցանկը։
Շնորհակալ պիտի ըլլանք եթէ Կոմիտէութիւնը ընդառաջելով մեր դիմումին, բարի ըլլայ սոյն նուագարանները առաքելու «Սահակեան»։
Բարի եղէք մեր սիրալիր բարեւները հաղորդելու Ձեր տեղակալներուն՝ Անտրէ Մարտիրոսեանին, Կարէն Միքայէլեանին, Սպարտակ Պաղտասարեանին եւ բաժնի վարիչ Արմէն Արսլանեանին, որոնցմէ կը պահենք լաւագոյն տպաւորութիւններ։
Սպասելով որ մեր դիմումը կ’արժանանայ Ձեր բարեացակամ ուշադրութեան,
Մնամ յարգանքներով՝
Տնօրէն
Պէպօ Սիմոնեան
* * *
[Պէյրութ,] 16 Դեկտեմբեր 1983[lxxiv]
Յարգարժան ընկեր Կարէն Միքայէլեան,
Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային [Կապի] Կոմիտէի նախագահի տեղակալ,
Երեւան.
Աւելի կանուխ մտադրած էի գրել Ձեզի։ Բայց երկրին խռովայոյզ կացութիւնը յետաձգեց։ Դպրոցները հազիւ բացուած՝ ետ փակուեցան։ Օդակայանը փակ է։ Արտաքին աշխարհին հետ մեր կապերը գրեթէ խզուած կը մնան։ Օդակայանին բաց եղած օրերուն Հայրենիքի[ն] հետ կապը եւս կենդանի կը մնար։ Ամէն Չորեքշաբթի կը ստանայինք հայրենական մամուլը։ Հիմա զրկուած կը զգանք։ Այս նամակն ալ, որ կը գրեմ, չեմ գիտեր թէ ե՞րբ Ձեր ձեռքը կը հասնի։ Բայց որոշած ըլլալով գրել Ձեզի, գրեցի։ Գրեցի, որովհետեւ չէի կրնար չգրել։ Երեւան եղած օրերուս, Ձեր հետ քանի մը հանդիպումներու ընթացքին, հաստատած էի թէ Դուք սփիւռքի հայրենասիրական շրջանակներու հանդէպ անկեղծ եւ սրտցաւ վերաբերում ունիք։ Այն հասկացողութիւնը, որ ցուցաբերեցիք՝ այդ կը վկայէր։ Այն բազմաթիւ հարցերը, որոնց անդրադարձանք, զգացինք թէ իրաւ հայրենասէրի մը հետ [է] մեր հանդիպումը, որուն կարելի է սրտբացօրէն բացուիլ։ Խօսիլ այն բոլոր հարցերու մասին, որոնք մեզ կը յուզեն։ Մեզ վրդովեցուցած են։ Մեր սրտցաւութեան շեշտը իրեն համար մեկնակէտ ունէր Հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն մէջ հայրենասիրութեան գաղափարական բովանդակութիւնը։ Բարեբախտաբար, որպէս խօսակից նոյնպիսի վերաբերում գտանք։ Մեր մտահոգութիւնները բաժնեցիք։ Անկեղծ թելադրութիւններ բանաձեւեցիք։ Ուրախ ենք Ձեզ որպէս այդպիսին ճանչնալնուս համար։
Դրական տպաւորութիւն գործեց այս տարուան սփիւռքահայ հայրենանուէր գործիչներուն տրուած մրցանակներուն մէջ Բենիամին Ժամկոչեանին տրուած Մաշտոցի անուան մրցանակը։ Արժանի էր։ Այս կերպով դարմանուեցաւ անցեալի անտեսումը։
«Արարատ»ը սկսաւ աւելի մեծ ծաւալով լոյս տեսնել Հոկտեմբերէն ի վեր։ Բովանդակութիւնն ալ բարելաւուեցաւ։ Յուսամ առիթը ունեցաք տեսնելու։ Շաբաթ օրուան թիւերուն մէջ կը խմբագրեմ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԷՋը։ Հայրենական մշակոյթը լայն տեղ կը գրաւէ խմբագրած էջիս մէջ։ Լաւ ընդունելութիւն գտած է հոս։ Չեմ գիտեր Հայրենիքի մէջ կը կարդացուի՞, թէ՞ ոչ։ Յամենայնդէպս, հասարակական կարգով կատարուած այս աշխատանքները ունին մէկ նպատակ միայն․ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Մեզի ցաւ պատճառողը յաճախ չհասկցուելու տառապանքն է։ Ուրախ եմ, որ Ձեր հասկացողութեամբ կիսեցիք մեր ցաւը։
Բարեկամաբար՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
[Պէյրութ,] 1 Փետրուար 1984[lxxv]
Յարգելի ընկեր Կարէն Միքայէլեան,
Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային [Կապի] Կոմիտէի նախագահի տեղակալ,
Երեւան.
31 Յունուար թուակիր Ձեր նամակը օրին ստացեր եմ։ Նամակը իր բովանդակութեամբ գոհունակութիւն պատճառեց ինծի։ Զգացուած եմ գնահատական տողերուն համար։ Ուրախ եմ յատկապէս այն կէտին համար, որ «Արարատ» օրաթերթի բովանդակութեան մէջ արձանագրուած բարելաւումը նկատած էք եւ ջերմ բառերով կը գնահատէք։ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիրը այս օրերուն Երեւան կը գտնուի․ վստահ եմ, որ այդ մասին երկարօրէն կը խօսիք իրեն հետ։ Խմբագրի բացակայութեան՝ զինք պիտի փոխարինեմ մինչեւ իր վերադարձը։
Խմբագրի մեկնումէն անմիջապէս ետք երկրին վիճակը դարձեալ վատթարացաւ։ Ահաւոր ռմբակոծումները սկսելով՝ երկրին մէկ ծայրէն միւսը տարածուեցան։ Քանի մը օր ոչ ոք տունէն դուրս կրցաւ հանել գլուխը։ Անապահովութիւնը համատարած էր։ Աւելորդ է ըսել, որ հայ դպրոցները փակուելով պիտի դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ տագնապ մը։ Դպրոցներուն հետ հայ կեանքն ալ անդամալուծուեցաւ։ Քանի մը օրուան ընդհատումէ ետք «Արարատ»ը կարելի եղաւ հրատարակել,[lxxvi] դժուար եւ անապահով պայմանները դիմագրաւելով։ Միակը ըլլալով, «Արարատ»ը հիմա հրապարակի վրայ է ի գին ամէն զոհողութիւններու եւ վտանգներու՝ հայ մամուլին խօսքը լսելի դարձնելու համար հայ տուներէն ներս։
Բազմավաստակ մանկավարժ Բենիամին Ժամկոչեանին յատկացուած հայրենի մրցանակը խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ ոչ միայն մեր շրջանակներէն ներս, այլ՝ ընդհանրապէս։ Ինչքան լաւ եղաւ, որ մահէն առաջ տեղեկացաւ լուրին։ Մեծապէս գնահատուած զգաց ինքզինք։ Կը պատրաստուէր Հայրենիք այցելելու, երբ մահը անակնկալօրէն զինք տապալեց։
Եթէ Լիբանանի պայմանները այսպէս չմնան, մաղթենք որ չմնան, պիտի նախապատրաստուինք 1985 թուին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայ Մշակոյթի Փառատօնին։ «Արարատ»ի մէջ հրատարակեցինք սփիւռքահայ հայրենասէր կազմակերպութիւններուն ուղղուած կոչը։
Կը զգամ թէ ի՛նչ ծանր պատասխանատուութիւն կը պահանջէ նման փառատօնի մը կազմակերպումը։ Ուժ, կորով, եռանդ եւ զայն յաջողութեամբ պսակելու նախանձախնդիր աշխատանք կը մաղթեմ։
Սիրով եւ բարեկամաբար,
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան]
* * *
[Պէյրութ,] 10 Փետրուար 1986[lxxvii]
Յարգելի ընկեր Կարլեն Դալլաքեան,
Նախագահ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան,
Երեւան.
Թոյլ տուէք առաջին հերթին շնորհաւորել Ձեզ՝ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան Ձեր նախագահ նշանակման առիթով: Ուրախութեամբ եւ լաւատեսութեամբ ընդունեցի ես անձնապէս Ձեր նշանակումը, որպէս ճիշդ ընտրութիւն, որովհետեւ այն ինչ որ նախորդ նախագահին՝ ընկեր Վարդգէս Համազասպեանի օրով իրագործուած է Հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման իբր արդիւնք, Ձեր նախագահութեան օրով ոչ միայն կարելի է պահել ստեղծուած գեղեցիկ աւանդութիւնները, այլ[եւ]՝ նոր յառաջդիմութիւններ արձանագրել: Այդ լաւատեսութիւնը կը հիմնուի ցարդ Ձեր վարած պաշտօններով ձեռք ձգած փորձառութեան եւ հմտութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի իրականութեան լաւատեղեակ ըլլալու հանգամանքին վրայ: Ուրեմն, այս առիթով ընդունեցէ՛ք իմ լաւագոյն եւ սրտագին բարեմաղթութիւնները յաջողութեան՝ Ձեր նոր ասպարէզին համար, որ հայրենասիրական առաքելութիւն է միաժամանակ:
Այսօր, հայկական սփիւռքը բարդ իրադրութիւն մըն է, եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ներկայ հանգրուանին, երբ հայրենական կեանքը կը յատկանշուի իր պետական վերածնունդով եւ մշակութային վերածաղկումով, հայկական սփիւռքը կը մնայ իր ազգային ճակատագրին անորոշ եւ անծանօթ հարցականներուն առջեւ: Հայկական սփիւռքը եւս իր տխուր երեսներուն հետ կը պարզէ անշուշտ դրական երեւոյթներ՝ հայապահպանման համար ի գործ դրուած ճիգերու տեսակէտով: Բայց, այսօր հայապահպանումը կարելի չէ պատկերացնել առանց Հայրենիքի հետ հոգեկան եւ մշակութային կապերու եւ կենդանի հաղորդակցութեան: Հոս է, որ Ձեր գլխաւորած Կոմիտէութիւնը պատմական ու նշանակալից դեր կը կատարէ եւ դեռ պիտի կատարէ որպէս հայրենի պետութեան՝ սփիւռքի վտարանդի զաւակներուն հանդէպ ազգային քաղաքականութիւն:
Հայապահպանման ըմբռնումներն ալ խայտաբղէտ պատկեր կը կազմեն, յար եւ նման սփիւռքի համապատկերին, որ կը յատկանշուի տարբեր երկրամասերու քաղաքական պայմաններու պատկանելիութեան քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն հետ, զիրար հակասող եւ հակադրուող ազգային-քաղաքական հոսանքներու գաղափարախօսական տարբերութիւններով: Ազգային արեւելումով եւ գաղափարախօսական ուղղութեամբ Հայրենիքին՝ Խ. Հայաստանին մօտ կազմակերպութիւններ կան, որոնց հետ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան սերտ գործակցութիւնը եւ անոնց միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելու քաղաքականութիւնը պիտի սատարեն[lxxviii] սփիւռքահայ հայրենասիրական կազմակերպութիւններու միջեւ առողջ մթնոլորտի մը ստեղծման եւ փոխյարաբերութիւններու բնականոն ընթացման: Հաւասարակշռութեան խախտումը կը վնասէ սփիւռքի մէջ հայրենասիրական աշխատանքին: Կը յուսամ, որ Ձեր օրով, սփիւռքի հայրենասիրական կազմակերպութիւններու նկատմամբ աւելի սկզբունքային եւ հաւասարակշռուած վերաբերում ցոյց կը տրուի:
Տասնամեակ մը առաջ, Լիբանանը սփիւռքահայութեան մայրաքաղաքը ըլլալու իրավիճակով կը ներկայանար: Հիմա, պատերազմի պատճառով թէեւ վիրաւոր, բայց յամառ եւ հետեւողական ճիգերով կանգուն է հայկական գաղութը: Եւ հակառակ արտագաղթին՝ կը ջանայ իր մայր գաղութ ըլլալու հանգամանքը պահել, անասելի եւ անպատմելի դժուարութիւններու դիմադրելով: Պատերազմական պայմաններու բերումով, անապահովութիւնը, տնտեսական-ընկերային տագնապները օրըստօրէ առաւել եւս կը ցնցեն հայկական գաղութի[ն] հիմքերը: Լիբանանահայութեան այսօրուան իրավիճակը կը զգացնէ առաւել ուշադրութեան եւ հոգածութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Հայրենիքի կողմէ: Բայց այսօր Հայրենիքը ներկայ չէ Լիբանանի մէջ իր ներկայացուցիչներով, որոնց ներկայութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի պահանջք է: Լիբանանահայ գաղութի յատուկ հարցեր, խնդիրներ, պահանջքներ, որոնք կապուած են Հայրենիքի հետ, թողլքուած կը մնան…: Հայրենիքի հետ կապը կը կատարուէր նաեւ մամուլով, հրատարակութիւններով: Հայ դպրոցներն ու հայկական թերթերը կանոնաւորաբար կը ստանային թերթ, ամսագիր, գիրք, որոնք Հայրենիքի կողմէ հայկական սփիւռքին հայապահպանման ընծայուած նպաստներ էին: Ինչ կը վերաբերի «Սահակեան»ին, որ լիբանանահայ գաղութի հայրենասիրական ամենէն ջերմ եւ ամենէն հին կրթական օճախն է, զրկուած է այսօր հայրենական հրատարակութիւններէ: Հայրենի գիրն ու մշակոյթը Հայրենիքի կենդանի ոգին, շունչը եւ լոյսն էին, որ կը բերէին հայ դպրոցէն ներս: Ճիշդ է թէ այսօր յարաբերութեան եւ փոխադրութեան պայմանները դժուարացած են, բայց անկարելի չեն, մասնաւորաբար պետական միջոցներու առջեւ…:
Սփիւռքահայ ուսանողի մը միջոցաւ, քանի մեր նամակատունը անկանոն եւ խառնակ վիճակ կը պարզէ, մակագրուած երեք օրինակներ՝ Ձեզի, Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին եւ Վարդգէս Պետրոսեանին վերջին հրատարակութիւնս եղող «Մայրիներու Արմատները» հատորէն ղրկեցի: Պիտի խնդրէի, որ եթէ Երեւանի մաքսատունէն անցքը չեն արտօնած, Կոմիտէութեան կողմէ հետաքրքրուին:
Ես Ձեզի 1962-էն ի վեր ծանօթ եմ: Ոչ երկար, բայց տարբեր առիթներով տեսակցութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցած ենք թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Պէյրութի մէջ: Հասարակաց գիծ մը եւս, որ մեզ իրարու կը մօտեցնէ, գրականութիւնն է: Անկախաբար հասարակականէն եւ հայրենասիրականէն: Ձեր մասնագիտութիւնը գրականագիտական գծով գրականութիւնն է, իմ ալ սիրած բանս է գրականութիւնը: Ի պաշտօնէ այսուհետեւ Երեւան մեր այցելութեան կրնանք աւելի երկարաշունչ հանդիպումներ ունենալ փոխադարձ ծանօթացումն ու ճանաչումը խորացնելով: Այդ կարօտով եւ սպասումով՝
Պէպօ Սիմոնեան
[ստոր․՝ Պ․ Սիմոնեան][lxxix]
* * *
Ս․ Դ․ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 12 Յունուար 1988[lxxx]
Մեծայարգ ընկեր Կարլեն Դալլաքեան,
Սփիւռքի Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի[lxxxi] նախագահ,
Երեւան.
Սիրելի բարեկամ,
Ներկայովս կու գանք պաշտօնապէս մեր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու Ձեզի, որ հայրենի կառավարութիւնը, ընդառաջելով մեր ցանկութեան եւ իր սկզբունքային որոշումը դեռ եւս տուած ըլլալով անցեալ Նոյեմբերին, այժմ արդէն որոշած է եւ Ձեր միջոցաւ առաջարկած մեզի, որ Ս․ Դ․ Հնչակեան Կուսակցութեան հարիւրամեակը հանդիսաւոր կերպով նշուի Մայր Հայրենիքի մէջ, 1988-ի առաջին կիսամեակի թուականներէն մէկուն, բացառելով Ապրիլը։
Կեդրոնական Վարչութիւնս քննելով սոյն առաջարկութիւնը, գտաւ նպատակայարմար, որ հարիւրամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունենայ յառաջիկայ Մարտ ամսուան 28-էն 31-ի միջեւ։[lxxxii]
Ուրախութիւն յայտնելով այն բանի համար, որ Դուք փափաքելի գտած էք մեր կուսակցութենէն պատուիրակութեան մը հիւրաբար ներկայ գտնուիլը պատմական եղելութիւն դառնալու սահմանուած այս միջոցառումին, մեր կողմէ պատեհ գտանք, որ այդ առթիւ Կուսակցութեանս վերին ղեկավարութեան անդամներ եւ առաւել՝[lxxxiii] մէկ քանի մտաւորական վաստակաշատ ընկերներ մաս կազմեն Ձեր պաշտօնական հրաւիրեալներու ցանկին։
Անոնք են․- Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Ժիրայր Թոսունեան (Նայիրի), Պէպօ Սիմոնեան, Վահրիճ Ճերեճեան, Աւետիս Տեմիրճեան, Տիգրան Սարաֆեան, Յակոբ Պէրպէրեան (Պէյրութ), Մանուէլ Ադամեան (Լոնտոն), Սամուէլ Սարգիսեան (Պուէնոս Այրես), Նազարէթ Պշտիկեան (Փարիզ), Տիրան Ակինեան (Դամասկոս), Համբարձում (Հերի) Տրամերեան (Փասատենա)։
Ղեկավար-մտաւորական ընկերներ՝ Զաւէն Պալա[յ]եան, Արսէն Ճերեճեան, տոքթ․ Արշակ Գազանճեան։
Վերոյիշեալ անուններէն ոմանք կրնան Հայաստանի Գրողներու Միութեան հրաւիրեալներ նկատուիլ, քանի որ Միութիւնը, իր հերթին, տրամադիր է գրական երեկոյ մը սարքել հարիւրամեակի նշման շրջագիծի[ն] մէջ։
Յայտնենք նաեւ, որ Կուսակցութեանս տարբեր գաղութներու մասնաճիւղերու ղեկավար, շարքային եւ համակիր անձեր, Մայր Հայրենիքի մէջ հարիւրամեակի նշման յիշարժան եղելութեան մասնակից դառնալու սրտաբուխ ցանկութեամբ, տրամադիր են զբօսաշրջական յատուկ խումբեր կազմելով Երեւան գտնուիլ այդ օրերուն։
Լիայոյս, որ նախատեսուած հանդիսութեան (ճառային ու գեղարուեստական մասերով) որոշեալ թուականին տեղի ունենալը Մայր Հողի վրայ պիտի կազմէ խթան Սփիւռք-Խ․ Հայաստան կապերու սերտացման մէջ եւ զարկ պիտի տայ մեր գործակցութեան յօգուտ հասարակաց նպատակներու, կը խնդրենք Ձեզմէ, որ մինչեւ ամենաուշը եկող Փետրուարի վերջը վերահաստատէք եւ մեզի փոխանցէք Ձեր որոշումը եւ հաւանութիւն տուած ըլլաք Կուսակցութեանս պաշտօնական պատուիրակութեան համար նկատի առնուած անձերու թիւին, անուններուն եւ որպէս զբօսաշրջիկ (տուրիստ) խումբերու գալուն տարբեր երկիրներէ, որպէսզի մեր հերթին, կարգադրութիւններ ընենք եւ տանք պէտք եղած վերջնագոյն հրահանգները մեր կուսակցական շրջանային մարմիններուն։
Հաճեցէք ընդունիլ մեր կանխայայտ շնորհակալութիւններն եւ ընկերական սիրալիր բարեմաղթութիւները։
Ի դիմաց
Ս․ Դ․ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութեան
Դիւանի
Ատենադպիր՝ Ատենապետ՝
[ստոր․՝ ՊՍիմոնեան] [ստոր՝ ԺՆայիրի]
Պէպօ Սիմոնեան Ժիրայր Նայիրի
[Երկու ստորագրութեանց միջեւ կայ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական վարչութեան հաւկթաձեւ կնիքը՝ կուսակցութեան զինանշանով։][lxxxiv]
* * *
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
Հ. Բ. Ը. Մ.ի
Հիւսիսեան Հայագիտական Կեդրոնի Գործունէութեան Նախագիծ[lxxxv]
Նկատի ունենալով իր այսօրուան դրուածքը,– ուսանողներ չունենալու իրավիճակ,– ամպիոն բնորոշումը փոխարինել Կեդրոնով:
Իբր Կեդրոն գործունէութեան համար կ’առաջադրուի հետեւեալ նախագիծը:
Ա.– Գործունէութեան ծիրէն ներս,– տարուան ընթացքին,– Հիւսիսեան Հայագիտականը ուսանողներով օժտելու սկզբունքը ունենալ իբր հեռանկար.
1.– Քարոզչութեամբ
2.– Հայագիտութեան կարեւորութիւնը զգացնող ձեռնարկներով
3.– Հիւսիսեան Հայագիտականէն շրջանաւարտներու մէկտեղումով. յանձնախումբի մը կազմութեամբ:
Բ.– Իբր Հայագիտական Կեդրոն, մասնաւորապէս հայագիտական բնոյթի եւ ընդհանդապէս մշակութային ժողովրդային լսարաններու կազմակերպում: Իր տեսակին մէջ այնպիսի լսարաններ, որոնք իրենց բնոյթով եւ տարողութեամբ տարբերին այլ մշակութային միութիւններու կազմակերպածներէն: Տարուան մը համար նախատեսուած 3-4 ժողովրդային լսարաններու յայտագիրը կը փոխանցուի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կրթական Յանձնախումբին՝ առ ի հաստատումն կամ բարեփոխումի ենթարկում:
Գ.– Հիւսիսեան Հայագիտականին եթէ հիմնադրութեան առաջադրութիւններէն մին կը կազմէր որակաւորեալ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, մնալով հաւատարիմ այդ առաջադրութեան եւ վերանորոգելու համար հայկական նիւթերու դասաւանդութեան կերպերը,
– Կազմակերպել Հ. Բ. Ը. Մ.ի վարժարաններու հայագիտական նիւթեր դասաւանդող (հայերէն, Հ. Գրականութիւն, Հ. Պատմութիւն, Հ. Աշխարհագրութիւն, կրօն) ուսուցիչներու համար սեմինարական բնոյթի հանդիպումներ՝ նախակրթական եւ երկրորդական մակարդակներով: Սոյն սեմինարական բնոյթի հանդիպումներուն ընթացքին քննարկման նիւթ դարձնել ուղղագրութեան, ընթերցանութեան, քերականութեան, արտասանութեան, շարադրութեան, գրականութեան դասաւանդութեան հարցերը, նպատակ ունենալով ոչ միայն հայ աշակերտին հայեցի դաստիարակութեան արդիականացումը, այլեւ՝ մտաւոր կազմաւորումը:
Դ.– Հիւսիսեան Հայագիտականը իբր կեդրոն ձգտի հետազօտութեանց տարեկան հրատարակութեամբ մը (լիբանանահայ գաղութի պատմա-մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ բնագաւառի մը ուսումնասիրութեամբ), որ անով բերէ հետզհետէ արժեւորուող սփիւռքագիտութեան:[lxxxvi]
Նախագիծի պարտաստութիւն՝ Պէպօ Սիմոնեանի
[i] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[ii] Պէպօ Սիմոնեանի արխիւին մէջ առկայ է այս նամակին ձեռագիր, սեւագիր տարբերակը, որ նոյնական բովանդակութիւն ունի գրամեքենագրուած տարբերակին հետ։
[iii] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[iv] Կորիւն Քեշիշեան (1914-1990) – Հասարակական գործիչ։ 1937-1952-ին աշխատած է Իրաքի Նաւթի Ընկերութեան Թրիփոլիի (Լիբանան) հատուածին մէջ։ 1956-էն մինչեւ մահը եղած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին վարիչը։
[v] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[vi] Կարլեն Դալլաքեան (1929-2008) – Հ․ Խ․ Ս․ Հ․ի կուսակցական եւ պետական գործիչ, գրականագէտ։ Ծառայած է Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի, ապա՝ Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի համակարգերուն մէջ, 1963-էն 1970-ի Յունուար՝ Հայ Եկեղեցու Գործերի Խորհուրդի նախագահ։ 1976-ին կ’ընտրուի Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի՝ գաղափարախօսութեան գծով քարտուղար՝ այդ պաշտօնին վրայ մնալով մինչեւ 1985-ի Դեկտեմբեր, երբ ընտրուած է Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ։ Պաշտօնը վարած է մինչեւ Փետրուար 1991։
[vii] Նամակը գրամեքենագրուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնաթուղթերու վրայ։ Առաջին էջին վերի աջ անկիւնը կայ «Առդիր թիւ 823/գ մուտքահամարին» ռուսերէն դրոշմակնիքը Հայաստանի Ազգային Արխիւ, ֆոնտ 1, ցուցակ 87, գործ 9, թուղթեր 92-94։ Բնագիր։ Նամակը առաջին անգամ լոյս տեսած է այս ժողովածուին մէջ․ «Սփիւռքահայ Քաղաքական Հոսանքներն Ու Գաղութները Խորհրդային Գաղտնի Փաստաթուղթերու Մէջ (1945-1991, Ընտրանի)», կազմեց եւ ծանօթագրեց Գէորգ Եազըճեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, էջ 138-140։
[viii] Կառոյցին պաշտօնական անունն էր՝ «Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ»։
[ix] Տիգրան Սարաֆեան (1928-2020) – 1946-ին Սուրիայէն ընտանեօք հաստատուած է Պէյրութ։ 1953-1982-ին եղած է Հ․ Մ․ Մ․ի Պէյրութի Վարչութեան անդամ, ապա ատենապետ։ 1982-ին ընտրուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Լիբանանի Վարիչ Մարմինի, 1986-ին՝ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Որոշ ատեն եղած է նաեւ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
[x] Աւետիս Տեմիրճեան (1922-2012) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի ղեկավար գործիչ։ Բազմիցս եղած է կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, որոշ տարիներ՝ ատենապետ։
[xi] Տիրան Ակինեան (1938-?) – Կրթական, կուսակցական, միութենական գործիչ։ 1958-1959-ին վարած է Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանի, 1959-1980-ին՝ Դամասկոսի Ազգ․ Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ապա մտած է գործարար ասպարէզ։ Դամասկոսի մէջ եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի եւ Հ․ Մ․ Մ․ի ղեկավարը։ Որոշ ատեն մաս կազմած է կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան։
[xii] Նազարէթ Պշտիկեան – Փարիզի «Բեմասիրաց» թատերախումբի դերասաններէն, Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Ֆրանսայի շրջանի ղեկավարներէն։ 1980-ականներուն եղած է կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
[xiii] Հերրի Տրամերեան (ծնած է 1941-ի Սեպտեմբերին) – Ամերիկաբնակ հնչակեան գործիչ։ Եղած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի անդամ, ապա ատենապետ, նաեւ՝ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի՝ 27-30 Հոկտեմբեր 1995-ին Երեւանի մէջ կայացած 16-րդ համագումարին ընտրուած է կուսակցութեան երեք փոխնախագահներէն մէկը՝ Եղիա Նաճարեանի եւ Վազգէն Գասեմճեանի հետ։
[xiv] «100-ամեակ» բառը սկիզբը բաց թողնուած է եւ աւելցուած է տողին վրան՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ՝ գրամեքենագրուած տեսքով։
[xv] Ճիշդ բայն է՝ «կը պարգեւէ»։
[xvi] Երկու օր առաջուայ՝ 12 Յունուար 1988-ի թուականը կրող դիմումով, Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան Դիւանի երկու անդամները նոյնաբովանդակ նամակով դիմած էին նաեւ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ Կարլեն Դալլաքեանին (նամակը տե՛ս այս ժողովածուին մէջ)։
[xvii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[xviii] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է՝ «է»։
[xix] Նախադասութեան մէջ հոս կրկնուած է «ապահովէք» բայը։
[xx] «Հատը» բառը աւելցուած է ձեռագիրով՝ տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xxi] «Ձեր» դերանունը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xxii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[xxiii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[xxiv] Միսաք Հայկենց (բուն մականունը՝ Քիւփելեան, ծնած է 1937-ին) – Գրող, խմբագիր, կուսակցական եւ հասարակական գործիչ։ 1963-1968-ին՝ Ռ․ Ա․ Կ․ի գործիչ եւ կուսակցութեան «Նոր Օր» պաշտօնաթերթի խմբագիր, 1970-1988-ին՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի ընդհանուր տնօրէն, ապա՝ Տոլորես Զոհրապ-Լիպման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն։
[xxv] Լեւոն Մկրտիչեան (1881-? [1981-էն ետք]) – Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի բարերար։ Իր նուիրատուութեամբ 1974-ին կառուցուած է Սահակեան Վարժարանի նոր շէնքը Պէյրութի արեւելեան արուարձաններէն Սին էլ-Ֆիլի մէջ։ Դպրոցը այդուհետ կոչուած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճ։
[xxvi] «Տոլար» բառը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xxvii] «Նպաստը վերջին» բառազոյգը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xxviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[xxix] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Սեւագիր։ Մեզի համար հանելուկ մնաց նամակին տարեթիւը՝ 1982-ը։ Արդարեւ, այս նամակին սկիզբը յիշուող 7․500 տոլարին առնչութեամբ շնորհակալական նամակին լոյս տեսնելը Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի կեդրոնական պաշտօնաթերթ «Յուշարար-Միութիւն»ի թիւ 1, 15 Յունուար 1982-ի համարին մէջ (տե՛ս ստորեւ՝ ծանօթագրութեանց մէջ) մեզ կը մղէ մտածելու, թէ Պէպօ Սիմոնեան շփոթած է տարեթիւը, եւ այս նամակը պէտք է թուագրուէր 1981 տարիով։
[xxx] «Միայն» բառը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xxxi] Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի կեդրոնական պաշտօնաթերթ «Յուշարար-Միութիւն»ի խմբագրութիւնը թերթի թիւ 1, 15 Յունուար 1982-ի համարի 10-րդ էջին մէջ, «Նամականի – Լիբանանահայ կրթական եւ բարեսիրական մարմինները ի՛նչպէս կը գնահատեն Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի բացառիկ յատկացումները» վերնագիրին տակ տպած է խմբագրական երկար ծանօթագրութիւն մը, որմէ կը տեղեկանանք, թէ «պատուական ազգային մը, որ չէր ուզեր իր ինքնութիւնը յայտնել, կարեւոր նուիրատուութիւն մը կատարած էր, որ իբր բացառիկ յատկացում լիբանանահայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն պատկանող դպրոցներու եւ միութենական կարգ մը կրթարաններու տրամադրուեցաւ»։ Կը յայտնուի նուիրատուութեան ընդհանուր գումարը՝ 265․000 տոլար, որ բաշխուած է միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին միջոցաւ։ Ապա կ’ըսուի, թէ թերթը կը հրատարակէ հատուածներ ստացուած շնորհակալական նամակներէն։ Առաջինը Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճին եղած նուէրին առթիւ ստացուածն է, որ նամականին հրատարակութեան պատրաստողիս կը թուի թէ ամբողջական նամակն է։ Ցաւօք, թուական չէ տպուած, այլապէս լուծուած կ’ըլլար վերի ծանօթագրութեան մէջ մեր նշած տարեթիւի հանելուկը։
Ահաւասիկ նամակը, որ լոյս տեսած է «Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճ, Սին էլ-Ֆիլ, Պէյրութ» ենթավերնագիրին տակ։ Նամակին ոճը կասկած չի ձգեր, որ հեղինակը Պէպօ Սիմոնեանն է եւ թէ նամակը ուղղուած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի ընդհանուր տնօրէն Միսաք Հայկենցին։
Շնորհակալութեամբ ստացանք Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Կեդրոնական Վարչութենէն 7․500 տոլար բացառիկ յատկացումը եւ ապա Օգոստոս 5, 1981 [Հայերէնին մէջ թուականներ նշելու ճիշդ ձեւը օր-ամիս-տարի յաջորդականութիւնն է, ինչը ճիշդ կատարուած է նամակի շարունակութեան մէջ – Գ․ Եազըճեան] նամակով ծանուցուած 10․000 նոր եւ կարեւոր նպաստը՝ 10 Յունիս 1981 թուակիր մեր նամակին ընթացք տալով։
Լիբանանեան աղէտի այս վերջին բռնկումին դարձեալ հայ դպրոցը մատնուելով նիւթական նեղ կացութեան, հարկադրուեցաւ դիմագրաւել նոր դժուարութիւններ։ Առանց արտաքին օժանդակութեան, դժուար թէ հայ դպրոցը կարենար դուրս գալ նիւթական այս նեղ կացութենէն։
Բարեբախտութիւն է հաստատել, թէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, հաւատարիմ իր կրթական-բարեսիրական աւանդական ազգօգուտ դերին, հասաւ օժանդակութեան լիբանանահայ աղէտեալ գաղութին, մասնաւորաբար անոր կրթական հաստատութիւններուն։
Ուրախ ենք եւ շնորհակալ, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու մէջ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճը եւս դարձուց իր հոգածութեան եւ ուշադրութեան առարկան եւ մեր նամակներուն ընդառաջելով, բացառիկ յատկացումներ կատարեց, թեթեւցնելով մեր նիւթական ծանր յանձնառութիւնը։
Շնորհակալութեամբ ընդունեցինք նաեւ, յարգելի ընդհանուր տնօրէն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 5 Օգոստոս 1981 թուակիր Ձեր նամակով մեր ուսուցիչներուն եւ գործակիցներուն ուղղուած բարեմաղթութիւնները «անսպառ կորովով ու եռանդով շարունակելու մեր կրթանուէր գործը լիբանանեան դաժան պայմաններուն մէջ»։
Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ը իր 75-ամեակի սեմին վստահ ենք որ պիտի շարունակէ հայկական սփիւռքի մէջ իր նախախնամական դերը հայ կրթութեան, հայ մշակոյթի զարգացման բերելով իր նշանակալից նպաստը։
Պէպօ Սիմոնեան Վահրիճ Ճերեճեան
Տնօրէն Ատենապետ Հ․ Կ․ Բ․ Մ․ի Կեդրոնական Մարմնի
[xxxii] Ձեռագիր՝ սովորական չորս թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[xxxiii] «Եւ գոյատեւման» բառազոյգը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xxxiv] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[xxxv] Ճիշդն է՝ Միչիկըն։
[xxxvi] «Հիմնական» բառը գրուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xxxvii] Ճիշդ անունն է՝ Կեդրոնական Վարչական Ժողով։
[xxxviii] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։
[xxxix] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[xl] Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա․ի հրաւէրով, Ալեք եւ Մարի Մանուկեանները, անոնց դուստր Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը, տարբեր գաղութներէ Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի ղեկավար գործիչներ ու երեւելի անձնաւորութիւններ Խորհրդային Հայաստան այցելեցին 30 Սեպտեմբեր 1982-էն 13 Հոկտեմբեր 1982՝ Ա․ Մանուկեանի նուիրատուութեամբ Մայր Աթոռի գանձատան բացման արարողութեան մասնակցելու գլխաւոր նպատակով։ Մանուկեանները եւ անոնց շքախումբի անդամները մեծ պատիւներով ընդունուեցան Նախարարաց Խորհուրդին, Հայ Եկեղեցու Գործերի Խորհուրդին, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին եւ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածինի մէջ։
[xli] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[xlii] «Ներկայ» բառը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xliii] «Ներկան» բառը աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[xliv] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «որոշումներ տալու» կամ «որոշումներ կայացնելու»։
[xlv] Ձեռագիր՝ սովորական հինգ թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[xlvi] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[xlvii] Գրամեքենագրուած՝ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութեան արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեամբ տպագիր ձեւաթուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[xlviii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[xlix] Պէպօ Սիմոնեանի արխիւին մէջ առկայ է այս նամակին ձեռագիր ու սեւագիր տարբերակը, որ նոյնական բովանդակութիւն ունի գրամեքենագրուած տարբերակին հետ, այն տարբերութեամբ, որ աւարտին կան հետեւեալ նշումները․
2 լուսանկար
Ինքնութեան թուղթի ֆօթօ-քոբի
Վկայականի լուսապատճէն
Համարժէքի լուսապատճէն
[l] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[li] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[lii] Յարութիւն Ֆելեքեան (1931-2005) – Լրագրող, խմբագիր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր։ 1957-1981-ին աշխատած է տարբեր պարբերականներու խմբագրութեանց մէջ, նաեւ՝ խմբագիր։ 1981-1991-ին՝ «Սովետական Գրող» հրատարակչութեան տնօրէն, 1991-2001-ին՝ Հ․ Հ․ի Կառավարութեան առընթեր Արխիւային Գործի Վարչութեան պետ (այսինքն՝ Արխիւի տնօրէն), այնուհետ, մինչեւ մահը՝ արխիւի տնօրէնի խորհրդական։
[liii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Բնագիր։
[liv] Ռուբէն Յովսէփեան։
[lv] Ձեռագիր՝ սովորական չորս թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[lvi] Արմէն Ղարիպ (բուն անունով՝ Նազարէթ Ղարիպեան, 1915-1990) – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի, կրթական եւ հասարակական գործիչ։ 1932-1937-ին ուսուցչագործած է Դամասկոսի մէջ, 1938-ին անցած է Պէյրութ։ 1943-1944-ին եղած է «Արարատ» օրաթերթի խմբագիրը, 1938-1946-ին՝ ուսուցիչ Սահակեան Վարժարանին մէջ։ Որպէս տնօրէն պաշտօնավարած է Ազգ․ Աբգարեան (1946-1952) եւ Ազգ․ Ռուբինեան (1952-1956) վարժարաններուն մէջ: 1957-ին Պէյրութի մէջ հիմնած է իր սեփական դպրոցը՝ Նոր Բարձրագոյն Վարժարանը, որու առաջին ու միակ տնօրէնը եղած է մինչեւ դպրոցին փակուիլը 1982-ին՝ պատերազմին եւ նիւթական պատճառներով։ Շատ չանցած՝ գաղթած է Ա․ Մ․ Ն․, ուր ալ մահացած է։
[lvii] Սկիզբը գրուած է «անպատկառ», որ ջնջուած է եւ տողին վրայ գրուած է «անփափկանկատ»։
[lviii] Այսպէս է բնագիրին մէջ։ Պէտք է գրուէր «գէշ» կամ «վատ»։
[lix] Ապա գրուած, յետոյ ջնջուած են «որուն համար պատասխանատու կը մնայ ստորագրող» բառերը։
[lx] Գրուած, ապա ջնջուած է «ազդարագիրն» բառը։
[lxi] Գրուած, ապա ջնջուած են այս բառերը, վերջինը՝ կիսատ․ «Եթէ բացարձակապէս չէին ուզեր որ յիշուած աշակերտներուն ազդարարագիրները ղրկուէին, թող բարի ըլլային տնօրէ»։
[lxii] Այս նախադասութիւնը աւելցուած է հետագային՝ զայն խցկելով տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[lxiii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[lxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[lxv] Հայերէն ճիշդ գրելաձեւն է՝ «լուծել չկարենալու»։
[lxvi] Հետեւելով արեւելահայոց սխալ գրելաձեւին, Պէպօ Սիմոնեան բառը գրամեքենագրած է «ԱՐՁԱԳԱՆՔ» տեսքով․․․
[lxvii] Լեւինէ Պօղոսեան, «Սփիւռքահայ նամականի», «Սովետական Հայաստան» ամսագիր, Երեւան, 1967, թիւ 7, Յուլիս, էջ 22, Ա. սիւնակ: Տպուած է միայն հատուած մը Կոմիտէին Պէպօ Սիմոնեանի յղած նամակէն։
[lxviii] Ձեռագիր՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[lxix] Օննիկ Ճամպուլեան – Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի գործիչ։ 1949-1987-ին եղած է «Արարատ» օրաթերթի պատասխանատու տնօրէնը, 1950-1954-ին թերթին միանձնեայ խմբագիրը, իսկ 1944-1949-ին եւ 1955-1960-ին՝ երկանդամ կամ բազմանդամ խմբագրակազմի անձերէն։
[lxx] Ձեռագիր՝ սովորական թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[lxxi] Վլատիմիր Ապաճեան (1927-2013) – Հայրենի ականաւոր ասմունքող, թատրոնի եւ շարժարուեստի դերասան:
[lxxii] Ռաիսա Մկրտչեան (ծնած է 1942-ին) – Հայրենի էսթրատային սիրուած երգչուհի: 400-է աւելի երգ ձայնագրած է։
[lxxiii] Ձեռագիր՝ սովորական երեք թուղթի վրայ։ Սեւագիր։
[lxxiv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[lxxv] Գրամեքենագրուած՝ սովորական թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[lxxvi] «Հրատարակել» բայը ձեռագիրով աւելցուած է տողին վրայ՝ տողամիջեան տարածութեան մէջ։
[lxxvii] Գրամեքենագրուած՝ սովորական երկու թուղթի վրայ։ Կրկնօրինակ։
[lxxviii] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է՝ «պիտի սատարէ»։
[lxxix] Պէպօ Սիմոնեանի արխիւին մէջ առկայ է այս նամակին ձեռագիր ու սեւագիր տարբերակը, որ շարադրանքի աննշան տեղափոխումները չհաշուած, գրեթէ նոյնական բովանդակութիւն ունի գրամեքենագրուած տարբերակին հետ
[lxxx] Նամակը գրամեքենագրուած է Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնաթուղթերու վրայ։ Հայաստանի Ազգային Արխիւ, ֆոնտ 1, ցուցակ 87, գործ 9, թուղթեր 89-91։ Բնագիր։ Նամակը առաջին անգամ լոյս տեսած է այս ժողովածուին մէջ․ «Սփիւռքահայ Քաղաքական Հոսանքներն Ու Գաղութները Խորհրդային Գաղտնի Փաստաթուղթերու Մէջ (1945-1991, Ընտրանի)», կազմեց եւ ծանօթագրեց Գէորգ Եազըճեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, էջ 136-138։
[lxxxi] Կառոյցին պաշտօնական անունն էր՝ «Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ»։
[lxxxii] Ոչ միայն նշուած օրերուն, այլեւ ամբողջ տարուան ընթացքին Ս․ Դ․ Հ․ Կ․ի 100-ամեակին նուիրուած որեւէ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Արդարեւ, 1988-ի Փետրուարին աներեւակայելի թափ առած էր Արցախեան համաժողովրդական շարժումը։
[lxxxiii] Բնագիրին մէջ գրամեքենագրուած է՝ «առաւելը»՝ առանց բութի նշանին։
[lxxxiv] Կարլեն Դալլաքեան նամակը 28 Յունուար 1988-ին, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի պաշտօնաթուղթի վրայ գրամեքենագրուած, «Գաղտնի» նշումը կրող նամակով յղած է Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէին՝ խնդրելով Կենտկոմին ցուցումը։ Փաստաթուղթին վերը կայ Հ․ Կ․ Կ․ի Կենտկոմի Ընդհանուր Բաժինին դրոշմակնիքը, որմէ կը պարզուի, թէ փաստաթուղթը Ընդհանուր Բաժին մուտքագրուած է 2 Փետրուար 1988-ին՝ 823/գ թուահամարով։ Փաստաթուղթին վերը, ձախին, Հ․ Կ․ Կ․ի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Կարէն Դեմիրճեանը 2 Փետրուար 1988-ին հայերէն մակագրած է․ «Ընկ․ Ռ․ Արզումանեանին – Խնդրում եմ ընկ․ ընկ․ Եիւզպաշեանի, Դալլաքեանի, Մկրտչեանի հետ միասին ներկայացնել առաջարկութիւն»։ Յիշեալներն էին, համապատասխանաբար, Հ․ Կ․ Կ․ի Կենտկոմի՝ գաղափարախօսութեան գծով քարտուղար Ռոպերթ Արզումանեանը, Խորհրդային Հայաստանի Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի նախագահ Մարիուս Եիւզպաշեանը, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ Կարլեն Դալլաքեանը եւ Խ․ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Անաթոլի Մկրտչեանը։ Հայաստանի Ազգային Արխիւ, ֆոնտ 1, ցուցակ 87, գործ 9, թուղթ 88։ Բնագիր։
[lxxxv] Շատ հաւանաբար հեղինակուած է 1993-ի Նոյեմբերին՝ ընդառաջելով Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի խնդրանքին։
[lxxxvi] Շարադրանքն այսպէս է բնագիրին մէջ։