Պէպօ Սիմոնեանի ինքնակենսագրութիւնը[i]
Ծնած՝ 1937-ին, Ալեքսանտրէթ: Օրը՝ մոռցուած: Ասպարէզով՝ մանկավարժ: Այժմ տնօրէն Սահակեան[-]Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի: Խմբագրութեան անդամ՝ «Արարատ» օրաթերթի: Խմբագիր Մշակութային Էջի:
Գրական ասպարէզ մտած է 1960-ական թուականներուն: Աշխատակցած է «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն, «Արարակ Գրական» եւ «Շիրակ» ամսագրին, «Ահեկան» եռամսեային, «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերաթերթին, «Նայիրի» եւ «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթերուն, «Սովետական Հայաստան» ամսագրին:
Հրատարակած եւ խմբագրած գործերն են.
Ա.– Երաժշտագէտ Աշոտ Պատմագրեանի[ii] Յոբելինական գիրքը, 1962, տպարան «Շիրակ»:
Բ.– Պարոյր Սեւակի «Հատընտիրը», հրատարակութիւն[iii] «Շիրակ»ի, 1972:
Գեղարուեստական բնոյթի երկեր
Ա.– «Նախերգանք», բանաստեղծութիւններ, 1968, տպարան «Շիրակ»:
Բ.– «Կանաչներու Առասպելը», բանաստեղծութիւններ, 1977, տպարան «Շիրակ»:
Գ.– «Մարդեղութիւն», բանաստեղծութիւններու հատընտիր, 1981, Երեւան:
Դ.– «Հեքիաթ Հայաստանի Մասին», արձակ, 1979, [տպարան] «Թեքնոփրէս»:
Ե.– «Ծուէն, Ծուէն Երիզներ», արձակ էջեր, 1980, տպարան «Տօնիկեան»:
Ուսումնասիրութիւններ
Ա.– «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Միութեան Ե. Համագումարի Սեմին», 1966, տպարան «Շիրակ»:
Բ.– «Ակնարկ Մը Սփիւռքահայ Բանաստեղծութեան Վրայ», առանձնատիպ, 1970:
Գ.– «Հայաստանի Գրողներու Զ. Համագումարը», 1971, առանձնատիպ:
Դ.– «Վերլուծումի եւ Գնահատանքի Փորձ Հայաստանի Երիտասարդական Բանաստեղծութեան Մասին», առանձնատիպ, 1971:
[i] Մեքենագրուած է գրամեքենայի սովորական, 21 x 29,7 սմ. թուղթի վրայ:
Մեքենագիր: Փաստաթուղթը կը պահպանուի ԳԱԹ-ի մէջ, Ստեփան Կուրտիկեանի ֆոնտ, թիւ 935, էջ 1:
[ii] Աշոտ Պատմագրեան (1898-1981) – Սփիւռքահայ երգահան, խմբավար: Տարբեր գաղթօճախներու մէջ կազմած ու ղեկավարած է բազմաթիւ երգչախումբեր։
[iii] Բնագիրին մէջ մեքենագրուած է «հրատարակչութիւն»: