ՆԱՀԱՆՋ
Հեռացումի մշուշին մէջ լոյսը աղօտ մարմրեցաւ…
կիզուած դէմքը գոյնը փոխեց մէջը չզգաց կորստեան ցաւ…
ինչքա՜ն կարօտ, որ կար ներսը օտարացման աղը ձուլեց
ու անկարօտ ճիչէն ծնաւ բաժանումի արցունք անեղծ…:
աժանումը ինքն իր լոյսէն եւ էութեան ցոլքերէն էր…:
ւ պարպուած բաժակ մ’ինչպէս՝ հոգին ծփաց դատարկին մէջ…
մութը լեցուց պարապն անլոյս իր ոչինչէն ելող ձայնով…
սիրտը ճչաց օրհասական կոծով լեցուն աւաչն անզօր…
յոյզը մեռաւ առանց երգի…, ու անթախիծ կորսուեցաւ
ստուերին մէջ մեզ հալածո´ղ, ոտնահարո´ղ ժամանակին…
սիրտը՝ առանց սիրոյ յոյզէն կաթող սատափ անուրջներու
ճմլուեցաւ… ու դողացին բջիջները մշուշներէն
անհետացման, որ օրէ օր կը բարձրանար անտեսօրէն
մեր շուրջը ուր ծաղիկները ծառերու պէս նահանջի հառաջ
կը շնչէին՝
ոյզէն խամրող բոյրին համար…
սրտէն մեկնող ու նահանջող
սիրոյ կապոյտ մշուշներուն
ու գոյներուն համար անհուն…:
աժանումը ինքն իր լոյսէն եւ էութեան ցոլքերէն էր…:
5
Լոյսը սէրն էր անմեկնելի, որ կը մեկնէր մեր աշխարհէն
Ծուէ՜ն-ծուէ՜ն…
կը ծուատուէր մարմինը տաք արցունքներուն կիզիչ աղէն…
ու կ’անջատուէր մեռած հոգին իր ինքնութեան բջիջներէն…
Ցուրտ ու անդող քամի մ’եկեր, սողոսկեր էր մէջը մարդուն,
որ կը հիւծէր զինք իր ներսէն ու կը պարպէր իր հիւթերէն…:
Սէրն ու հոգին թաւալգլոր ինկեր գետին կը գալարին…:
Արեւ չկայ, անուրջ չկայ, սիրոյ ծարաւ երկինք չկայ…
որ երազեն կարօտելով՝ ու բաղձանքով հասնիլ տենչան…
վեհ ու վսեմ բարձունքէ մը կ’իյնայ հոգին սիրատոչոր
ու հոգեզուրկ ստուերները սահմռկելով անկումներէ
անդնդախոր
քարերու պէս հրածորան ու լեռներու պէս նահանջող
անկումի ճիչ կ’ահազանգեն՝
սէրէն մեռնող կեանքին համար
կեանքէն մեկնող ու նահանջող
հոգիի շող ծիածանին
ու ոգիով շնչող հարուստ տեսիլքի մը համար հին…:
Բաժանումը ինքն իր լոյսէն եւ էութեան ցոլքերէն էր…:
Անկումէն ետք իր հոգիին սէ՜րը որպէս դեռ ի՞նչ ապրէր…
ստուերական խուճապէ մը, անվաղորդայն տագնապէ մը
հալածական,
Աստուծոյ տեղ ուրիշ հաւատք որոնելով կը խարխաբէր
հեռաստանէ՜ նոր հեռաստան.
ու չէր գտներ… կամ կը գտնէր պաշտամունքի անսուրբ խորան…
ու անհունէն լուսաբնակ յառնող ոչ մէկ արարչական
ոգի կու գար ու հաւատքի մեռնող-մարող ու նահանջող
լոյսերու տեղ
արեւծագի հրաշքներով գունավարել…:
Ու հաւատքը՝ անկումներու դողով դեղին արձակեց ճիչն
օրհասական…
ու կրակը առանց բոցի անճարճատիւն մոխիր դարձաւ,
ժխորին մէջ մեզ հարուածող ու զգետնող հանդերձներուն…
երգը՝ առանց լոյսի դողէն յառնող-ծնող ճառագայթի
չխռովեց…: Ու ետ դարձան հովերն հեռուի խոր վիհերուն
անէացման… ու շշունջին պէս բնութեան տարերքներուն
նահանջի ողբ շրթունքներուն՝ հեռաստանէ նոր հեռաստան
լո՜ւռ հեռացան…:
Ու նահանջեց՝
մարդը մարդուն կամրջող լոյսն հին հաւատքի…
ու հեռացաւ՝
մարդը մարդէն մոլորակէ այլ մոլորակ…
չհասկցաւ
մարդը մարդուն հասարակաց նո՛յն, հի՜ն լեզուով հասկնալի…
օտարացաւ
մարդը մարդուն խորթութեամբ մը անհարազատ…
ու խզուեցաւ
մարդը մարդէն անկարեկից թշնամութեամբ…
7
ու մոխրացաւ
մարդը մարդուն ջերմացնող հոգիի տաք ակութը վառ…
ու կուրացաւ
մարդը մարդուն ու երկնքին մերձեցնող աչքը Յոյսին…
կորսուեցաւ
խաղաղութեան ամէն խայտանք մէջն հոգիին…
Ու պարուրեց
պարզութեան տեղ բազմակնճիռ ծալք ու բարդո՜յթ…
որովհետեւ՝
հեռաստանէ նոր հեռաստան բաժանումը ինքն իր լոյսէն
ու նահանջը մոլորակէ այլ մոլորակ իր էութեան ցոլքերէն էր…։
31, Oqnuunnu, 1986
8
ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՎԱՂԱՀԱՍ ԱՇՈՒՆ
Եղբօրս՝ Գօգոյին Յիշատակին
Ո՛չ անձրեւ կար ու ո՛չ արեւ քաղաքին մէջ ուր վաղահաս աշնանային
տխրութիւն մը միայն կարծես որպէս մշուշ կը բարձրանար հողէն-ծառէն
ու հովին հետ իրիկնային՝ թաքուն թախիծ քսած ծառի անխշրտուք
տերեւներուն՝ կը մտնէր լուռ սրտի դռնէն ուր ներածուփ կ’ապրէր աշուն
մը վաղահաս, զարմանալի…:
Ո՛չ տերեւ կար դեղին, դալուկ ու ո՛չ ծաղիկ աշնանահար, բայց հանգչեր էր
ծառին վրայ աշուն մը թաց որպէս թախիծ գիշերային կը հառաչէր
ու կը շրջէր շշուկի պէս շշնջելով շարական մը, որ մեղմօրէն
կը սահէր ներս կարօտի պէս ու կը հոսէր հոգիներուն ակօսներէն
որպէս աշուն զարմանալի ու վաղահաս…:
Ո՛չ մշուշ կայ ու ո՛չ ամպ գորշ… խաղաղ են, լո՜ւռ՝ երկինք ու ծով… միա՛յն
աշնան
մելամաղձոտ գոյներն առատ որպէս ցնորք, որպէս անուրջ կը թանձրանան…
ու կը պատեն անուրջներու տխուր գոյնով հոգիներու երկինքն անհուն
ուր ցնորքի գոյները լոկ անիրական կը պսպղան ու կը խոկան
որպէս աշուն զարմանալի ու վաղահաս:
Ո՛չ երգեր կան տխրակոծ ու ո՛չ հեկեկանք… միա՛յն աշնան կոծէն դեղին
ծուէններ տաք ծուարեր են ու ծաւալեր անծանօթ խորշերն հոգիին
ուր հեծութեամբ ու ծուլանքով յղացեր են վշտի ծաղիկ, անհաշտ երգի
մտերմութիւն, որոնք կեանքի գարնանային պարտէզներէն խռով կ’անցնին
որպէս աշուն զարմանալի ու վաղահաս…:
21 Ապրիլ, 1990
9
Ոչ տերեւ կար դեղին դալուկ ու ո՛չ ծաղիկ աշնանահար
10
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ..
Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակին…
Հոգիներէն սարսուռ անցաւ երբ աղօթքը բացաւ լեզուն.
երեւցան հոն իբրեւ ոգի ու արեան յուշ՝ ստուեր ու կայծ…
նո՛ր բռնկած երգ ու սաղմոս խռովեցին եթերն անհուն.
վեր սլացող բոցերուն պէս հոգիներուն իջան յանկարծ
շառաջ ու հով… ու շարժեցին մեռելներու հոգին խռով…
– Հանգիստ չկայ երկնքին մէջ… երկրի վրայ ապրողներուն…
բղաւեցին մեռելները անշիրմաքար հողին տակէն
ու բաղխեցին դռներն բոլոր պատրանաթափ տեսիլքներուն…
ու տեսիլքին ստուերամած փապարներէն իջան լո՜յս, հո՛ղ
դէմքին անոնց, որոնք հանգիստ՝ ոտքի կանգնած կը մրափէին…:
Ո՛ղջ են այնտեղ մեռելները ու չեն ննջեր ամենեւին
սպասման մէջ անմեկնելի կ’երկնեն երգեր աներկրային…:
-Մահը վերջին հանգիստը չէ մեր աճիւնին, մեր արիւնին…
մենք կը կռուինք մահէն անդին հողին կեանքի խլրտումով…
հողը չունի մահ ու աւեր՝ մեռելներէն կ’առնէ կորով,
կ’առնէ աւիւն ու կը կանգնի զինազգեստով մեր ոգիին
արմատներուն… ու կու տայ շունչ ապրողներու արեան տենդին…
ու պայքարին, որ չունի վերջ, չունի դադար, մինչեւ անոնք
մեր լեռներու արեան ճամբով չտիրանան մեր երազին…:
– Կենդանի ենք իբրեւ ոգի ու արեան յուշ՝ ստուեր ու կայծ…
որ ողջերը ըլլա՛նք շարժող, ու մեր ուժով զինավարող
արեան յուշը դառնայ անվերջ ընկերակցող ստուեր ու շող
ոտքի կանգնած այն ողջերուն, որ կ’աղօթեն մրափելով…:
11
Ողջ են այնտեղ մեռելները ու չեն ննջեր ամենեւին
12
Հոգին հանգիստ պահող մրափ է մշուշոտ աղօթքն այս յոյլ…
որ չի շարժեր հոգիները դէպի երազ ու դէպի հող…
հեղեղահոս այսքան արեան պատարագէն ետք տակաւին
ա՛լ չօրօրուիլ աղօթքներով, խունկ ու ծէսով, մրափներով…
հանգիստ չունի հոգին խռով մեռելներուն ու ողջերուն
մինչեւ այնտեղ անլուսածագ հողը հեծող չդառնայ գիրկ
լուսաբացով չհամբուրէ իր ինքնութեան հողն հարազատ,
ողջ կը մնան մեռելները ու չեն ննջեր ամենեւին…
ու կը ճչան՝
– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԼՈ՛Կ ՄԵՌԵԱԼԻՆ․․․։
15, Յուլիս, 1989
13
… ԵՒ ՊԱՏԱՐԱԳ․․․
Երկրաշարժի Աղիտեալներուն Համար
Ու պատարագի շարականներուն տեղ զարհուրանքի
ճիչեր բարձրացան…
աստղերով լեցուն երկինքը անցոլք դիտեց այն ճեղքի
բացուածքը անձայն,
որ ընդլայնեցաւ քաղաքէ քաղաք ու ծնող գիւղեր
առաւ հողին տակ…
հողը բարկացաւ ու իր տարերքին ահեղ խենթութեամբ
տապալեց ծառեր,
որոնք գլխատուած մարդերու պէս հէք դիակներ դարձան
անճանաչելի
եւ կամ մոխրացան…:
Ու մեռելները մերժեցին թաղուիլ ա՛յն հողերուն մէջ
ուր ծներ էին…
Երկինքը շշմած՝ այսքան մեռեալի բազմութեան համար՝
ապշահար լռեց.
ու Լռութիւնը չէր եղած երբեք ա՛յսքան միալար
ու կարկամած քար…
բայց քարերը հոն, աւերակներէն մէկէն շունչ առին
ու շշնջացին.
«ԶԱՐՀՈՒՐԵՑԱՆ ԶՕՐՔ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՏԵՍԻՆ
ԶՏԷՐՆ Ի ԽԱՉԻՆ
ԽԱՒԱՐ ԵՂԵՒ ԸՆԴ ՏԻԵԶԵՐՍ, ՈՂՈՐՄԱԾ ՏԷՐ, ՈՂՈՐՄԵԱ
ՀՈԳՒՈՑՆ ՄԵՐ ՆՆՋԵՑԵԼՈՑ»:
14
Ու խաւար պատած մեր լեռնաշխարհին լոյսերը անթաղ
անթեղուեցան հոն.
ու մութը երբե՛ք չէր տիրած այսքան մահաշուք տեսքով
շնչող իրերու
տեսիլքին առջեւ
կամ` հորիզոնին…
վերջալոյսն անգամ չձգեց շող մը թողլքուած, շուար
ու աւերակուած
քարերուն խաւար
կոյտերուն վրայ…:
Մինչեւ ե՞րբ սակայն արեգակն արդար դեռ պիտ’ յամենայ
լեռներու ետին,
որոնք սասանած խաւարէն անեղ ու մեռեալներու
վերջին ճիչերէն
անվերջ կ’աղերսեն.
«ԱՆՇԱՐԺ ՊԱՀԵԱ՛ ԵՒ ԶԵՐԿՐՊԱԳՈՒՍ ԱՆՈՒԱՆԴ ՔՈՒՄ
ՊԱՀԵԱ՛ Ի ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»։
Կեանքի ու լոյսի որոնումը դեռ՝ մեռած քարերու
անկենդան օրէն
լուռ քաղաքներու
աղջամուղջներէն
գիշերուան խորէն
կը խորասուզուի
պեղումով անդուլ…:
Լոյսերէն խզուած ամէն կեանք ու շունչ մեռեալներու մութ
ստուերով կը սնի…
ու մութին մէջէն որքա՜ն ստուերներ անլոյս, լուսագար
կ’անցնին շնչասպառ…
15
մեռած լուսին մը աւերակներու քաոսին վերեւ
աստղերէն անցո՛լք
կեանքին արձակուող
լոյսի ծիլ ու յոյս
կը տքնի երկնել
լուսազգաց երգել.
«ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ ՏԵԱՌՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ Ի ՎԵՐԱՅ ՄԵՐ.
ԵԿԵԱԼՔՍ Ի ՄՏԱՆԵԼ ԱՐԵԳԱԿԱՆ ՏԵՍԱՔ ԶԼՈՅՍ
ԵՐԵԿՈՅԻՍ»:
Հայոց աշխարհի խորշերէն բոլոր հաւատքի կանչով
խաչքարերը սուրբ
միատեղուեցան
ու աղօթեցին երկրպագելով հողին տակ թաղուած
ա՛յն մասունքներուն
ու խաչքարերուն
համար լուսաբուխ,
որոնք յայտնուած հայոց ոգիի լոյսերէն անճառ
պահպաներ էին
դարերու համար
տաճար ու կամար
ու նաեւ փրկեր՝
աշխարհը հայոց
Չարքերէն բոլոր…
մէկտեղուած հիմա խաչքարերը հոն մերժելով թաղել
ա՛յլ քարեր անլոյս
կ’երկնէին մռայլ լքուած քարերու պատարագը լոյս
ու տագնապայոյզ.
16
«ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՔՈ ՔՐԻՍՏՈՍ ՈՐ ԿԱՆԳՆԵՑԵՐ
Ի ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ
ՍԱ ՊԱՀԵՍՑԷ ԶՄԵԶ ՅԱՄԵՆԱՅՆ ՓՈՐՁՈՒԹԵՆԷ»:
Ու մեռեալներու մեռած ձայներէն նո՛ր ճիչեր ծնան
անդրշիրիմեան,
որ չխօսեցան դողով, սարսուռով կործանումներու
ու անէութեան
դժոխքի մասին…
այլ զարմանալի այլակերպումով՝ վերայայտնութեան
հրաշքն պատմեցին.
«Ի ԳԵՐԵԶՄԱՆ ՅԱՐՈՒՑԵԼՈՅՆ ԱՆՄԱՀԻՆ, ԱՅՍՕՐ ԳՈՉԷ ՀՐԵՇՏԱԿՆ
ԵՐԿՆԱՅԻՆ
ՅԱՐԵԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍ,
ԶԱՐԹԵԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍ Ի ԿՈՅՍ ԳԵՐԵԶՄԱՆԷՆ Ի ԼՈՅՍ ԳԵՐԵԶՄԱՆԷՆ»։
Մեռած ճիչերու լոյս պատարագէն՝ կենդանի, անմահ
կանգնեցան յանկարծ
կործանած թուող քաղաքները հին Լենինական ու
Ստեփանաւան
Սպիտակ քաղաք…
ու ստեղծագործ նոր յղացքներու երգը հիւսելով
երազը քարին
հողին անմեռ ոգին
ցրուեցին աշխարհ…
«ՎԱՍՆ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԻՍ ՀԱՅՈՑ ԶՏԷՐ ԱՂԱՉԵՍՑՈՒՔ»:
Մեռեալները լոյս հողին տակ անթաղ արմատ նետեցին
17
ինչքա՜ն անկատար երազներ կային իբր հրիտակ
թողուցին անոնց,
որ արմատներէն ամէն օր աւիշ ու տեւելու տենչ
կ’առնեն անյագուրդ
ու սէրով ուժգին փարելով կեանքին, գալիքի յոյսին
կը փառաբանեն
բոցը Յաւերժին, ու ծուխը Գոյին, որ կը բարձրանան
դէպի հայրենի
երկինքներն ի վեր
«ԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՏՈՒՑԵՄՔ ՔԵԶ,
ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ
ՎԱՍՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳԻՍ»:
31, Յուլիս, 1989
18
ՏԱՂԱՉԱՓԵԱԼ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
—Ինչո՞ւ լոյսի տխրութենէն հոգիդ կ’այրի, կը մթագնի:
—Մեծ է դարը որովհետեւ, խռովքներն իր նոյնքա՜ն մեծղի…:
—Մեծցար դարին տենդով, շունչով, բայց չհասար դուն իր վազքին…:
—Ճամբայ չելած արագ հեւքէն, թռիչքներէն յոգներ էի ամբողջովին:
—Ինչո՞ւ ամէն անցորդ անցաւ: Ժամանակը մնաց միայն…:
—Անցնողները մարդեր էին՝ ժամանակի ստուերները միանգամայն…:
—Ինչո՞ւ երբեք ժամանակը չյոգնեցաւ ճամբորդութեան փոշիներէն.
—Փոշին ձգեց մարդոց դէմքին, ինք մաքրուած մնաց անդէմ…:
—Արեգակը ինչո՞ւ ծնաւ ամէն առտու ու մահացաւ ամէն իրիկուն: Ինչո՞ւ,
ինչո՞ւ…
—Որ պարփակէ մութերն ամբողջ, մթնցնէ ուրիշ արեւ: Գիշերէն ու
ցերեկներէն բաց մնացած ճեղքերն ամէն լոյսին ճիչով լոկ լեցնէ,
որ կեանքը միշտ լոյսին բացուող ակօս մնայ՝ նոյնիսկ եթէ
արեւները պիտի մեռնին գիշերները: Ամէն գիշեր իր խաւարը
իբրեւ արեւ պիտի պահէ վարագոյրի նրբանցքին մէջ ու կատարէ իր արարը…:
Արեւապաշտ բոյսերն ամէն գիշերները աղօթեցին, արեւներէն
շող մը միայն, շիթ մը ըմպել կարենալու համար այսպէս երջանկօրէն…:
Բոյսերու չափ արեւապաշտ մարդ չմնաց: Մարդիկ դարձան խաւարապա՛շտ։
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…
—Որովհետեւ, աղօթեցին, որ ետ դառնան մութ քաոսին ու մերժեցին ամէն
ածու,
որ կը բացուի կեանքի ցօղին ու օրհնութեան լոյսի հացին,
եղիցի մութ քարոզեցին ու գիտութեան լոյսերն ամէն մթնցուցին…
19
բանտի խաւար խուցերուն մէջ արեւը լոկ երազեցին, բայց հոնկէ դուրս
անլոյս սրահ, անլուսամուտ բեմահարթակ, անարեւ կեանք արարեցին,
որ բնազդը իրենց թերուս
խաղա՛ խաղն իր, սարքէ ծէսն իր, գործէ ոճիր: Ամէն ոճիր ու պատերազմ
հայհոյանք է ու մեղանչում արարչութեան դէմ լոյսերուն: Կա՛մ վարագոյր,
որ քաշուեցաւ դէմն արեւին դարուն զէնքով։ Բայց ան մերժեց ամէն սնգոյր
որ կը ծածկէ իր խաւարը կամ կը փակէ դէպի խաւար վերադարձի ամէն
ճամբայ:
—Վախը այսքան չէր լեցուցած սրտին մեկնող ակօսները արիւնատար․․․
—Վախը կ’աճի մարդը վախով կը կծկուի, կամ անդոհով տագնապահար
թիթեղի պէս կը ճմրտկուի։ Որովհետեւ, ձեռք մը անմիտ կամ այսահար
եթէ խաղայ… կամ փորձուի բանալ կոճակն այն աւերիչ, աշխարհն ամբողջ
փուլ պիտի գայ… բնաջնջման անձրեւներէն ծաղիկն անգամ չմնայ ողջ…:
Զէրօ ձայնը կրակ առնէ ու մարդկութեան գանձերն ամէն
քաղաքներու մոխիրին մէջ ճահիճ դառնայ մէկ անգամէն…։
Մեռելները շիրիմներէն դուրս պիտի գան, բայց ողջերուն այլանդակուած
կերպարանքէն
սարսափահար՝ պիտի դառնան ետ հողին տակ ու չերազեն ալ նոր աշխարհ
ու փրկութեան յոյսերն ամէն որպէս աղօթք պիտի երկինք ետ համբառնան:
—Բայց երկինքը պատռուած չէ՞, վար չե՞ն թափած նուագները իր
կապոյտին…
խզուած է ան իմ կարծիքով մարդէ՛ն, հողէ՛ն: Ողջ չեն ձայներն ու երկնային
ոչ մէկ նուագ կամ երգչախումբ հրեշտակի պիտի լսուին այսուհետեւ:
—Բայց անանուն դողերն ամէն նոր նոր ձայներ կը յօրինեն դեռ հաւատքի…:
Անծանօթին լոյսն ու յոյսը կ’աճին անվերջ որպէս երազ անքննելի…:
Գոյ կամ անգոյ, մեռած կամ ողջ ետ կը դառնան հին ձայներուն որոնումին,
որովհետեւ, երկնքին մէջ ու հոգիին այսքա՜ն պարապ ինչո՛վ լեցուին:
—Մարդը ինչո՞ւ կը փոքրանայ, երբ դարը շուտ կը ծաւալի ու կը մեծնայ.
—Որովհետեւ, սիրելու տեղ մարդը կ’ատէ, ատելու տեղ մարդ կը քծնի եւ
Ասիկա
20
ողբերգութեան ինչ տեսիլ է, ի՜նչ տխրութիւն, որ կ’երեւայ
իմ, քու, եւ իր ամենօրեայ ծիսակատար առօրեայէն…:
—Սէրն աւելի մե՞ծ է մարդէն…
—Սէրն ամէն տեղ գագաթ մըն է, որ բարձրացած երազներու սէգ կատարին
զինք իրենց մէջ կրողները կը հանէ վեր կապոյտներուն արեւային:
«Ես»էն անդին կը սաւառնի ու կը ձուլէ ամէն ինչ որ վերադարձ է նսեմ
փոքրին…
Սէրն մեծ է լոկ այն ատեն, երբ կը յաղթէ մարդը սիրոյ: Մարդը՝ սէր է…
Մարդը սիրոյ մեծութենէն բիւրեղի պէս կը մաքրուի, աստղանաւի պէս կը
թռչի…
կը բարձրանայ ժամանակէն ու դարէն վեր ու կը փախչի
ստորոտի ճահիճներէն ու փոքրութեան փապուղիէն…
ամէն ինչ պարզ, աղբիւրի պէս վճիտ, զուլալ, մեծ կը տեսնէ իր հոգիի
հայելիէն.
Դարը մեծղի կը փոքրանայ. Մարդը փոքր կը բարձրանայ ժամանակէն ու
դարէն վեր…
—Ինչո՞ւ սէրը բայց բացակայ մնայ այսքան իմ հոգիէս, քու հոգիէդ: Ինչո՞ւ,
ինչո՞ւ…:
18 Յունիս, 1981
21
ԿԵԱՆՔԻՍ ԱՆՑԱԾ ՏԱՐԻՆԵՐԸ ՀԻՆԳ
Չեմ գիտեր հարկաւ,
թէ ինչքա՜ն դեռ կեանք վերապահուած է ի վերուստ ինծի՛…
կամ
ինչպէ՛ս է գրուած իմ ճակատագրիս էջերն անծանօթ, անիմանալի…
Սիրած աշխարհէս
ու սիրած կեանքէս
ինչպէ՞ս կը մեկնիմ: Արկածո՞վ անմիտ սրտի տագնապէ՞ն
յեղակարծօրէ՛ն
հիւանդութեանս շաքարէ ախտէ՞ն… թէ՛ անբուժելի ուրիշ ախտերէն…
ու կա՛յ տակաւին համաշխարհային,— երրո՞րդ թէ չորրորդ,— մեծ
պատերազմէն
բնաջնջուելու ենթադրութիւնս իմ եղեռնական,
ինչպէ՞ս կը մեկնիմ…: Գոհութեան երգո՞վ, թէ առանց երգի՛
չեմ գիտեր հիմա,
բայց գիտեմ հարկաւ,
թէ կեանքիս անցած տարիները հինգ
լեցուեցան վախով…
անձկութեամբ խոժոռ
անդոհանքներով մղձաւանջային
տագնապով մղձուկ…:
Ու գիշերներու անվախճան մութին
մռայլ ու թախծոտ գոյնէն անորոշ
այգաբացներու երազը անյոյս՝ կարօտը հիւծող
սպառեց կեանքիս տարիները հինգ:
22
Պատերազմի մէջ անցա՛ն կեանքիս տարիները հինգ
ու անցա՛յ ես ալ երկար ոստումով
ապրելիք կեանքիս պարտէզին մէջէն․․․
բայց ճզմուեցան ինչքա՜ն ծաղիկներ…
ռազմակառքերու մահաշուք անցքէն…
կքեցան համակ ծառերն աներեր…
վախերու հովէն…
խոտերը դողդոջ հողին տակ անցան
ի սպառ թաղուեցա՛ն…
Ու հողը դարձաւ անծէս մահաբեմ…
աֆիշներու տեղ մահազդներ եկան ու զարդարեցին պատերը ամէն.
թռչուն չմնաց ծառերուն վրան.
աւերուած բոյնէն
շփոթած փախան
փլչող ծառերէն ուշաթափ ինկան
կամ խուճապահար երբոր չգտան նեղ պատսպարան
գաղթեցին անյոյս օտար աստղերու լոյսին կարօտով…
բայց ես մնացի՝ մնացող բոլոր ուրիշներուն հետ…
Մայրիի շուքին, Սանինի դիմաց
օտարականի պէս անհարազատ… ու այլասերած…:
—Ինչքա՜ն թանկագին բաներ կողոպտեց պատերազմն ինձմէ…
իմ էութենէս…:
Ու կեանքիս անցած տարիները հինգ
առին ու տարին Աստուծոյ ձայնը՝ լեզուակը խղճին,
իմ մարդ զգալու հարստութի՛ւնս
իմ միակ գանձս
անփոխարինելի՛․․․։
23
—Ինչքա՛ն լոյս անտես խլեց անխնայ պատերազմն ինձմէ
իմ գոյութենէն…
ու կեանքիս անցած տարիները հինգ
եկան ու անցան անխաղաղ, անլոյս:
Մեկնեցաւ լոյսը մարդու հոգիէն
նաեւ փուլ եկաւ ամէն բարձրացած կամար լուսեղէ՛ն…
մեկնեցաւ Լոյսս
անխափանելի՛ն…:
—Յոյսին կանաչով ինչքա՜ն երազներ չծաղկած տարաւ պատերազմն
ինձմէ…
իմ ներաշխարհէս…,
ու անցած կեանքիս տարիները հինգ
անցան աներազ կեանքի պէս ունայն
եւ ունայնութեան փոսը խորացաւ արձագանգներով մեր ոչնչութեան
երազ չտեսան…
իմ կեանքիս անցած տարիները հինգ
ու հալածեցին պահերն երազի
անտեսանելի…:
–Ինչքա՜ն մութ բերաւ, մթաստեղծ ստուեր պատերազմը չա՛ր
կեանքիս արեւի՛ն…
ու կեանքիս անցած տարիները հինգ
անարեւ անցան,
առանց արեւի մսեցան մինակ
ու խաւարեցաւ Արեւը սիրոյ
մարդու երկինքէն…
առեւանգեցին արեւս ոսկի
անկողոպտելի՛…:
24
Ու ի՜նչ մնաց դեռ, որ չկողոպտեց պատերազմը ա՛ղբ
մարդու հոգիին բիւրեղացումէ՛ն
մարդեղութենէն,
ու կեանքիս անցած տարիները հինգ
ինչքան բան տեսան աղտեղի ու պի՛ղծ
ու շուարեցան
թէ կրնա՞յ մարդու հոգիին բիւրեղ բաժակը սիրոյ
լեցուիլ ու յորդիլ այսքան մահաբո՛յր ատելութիւնով․․․
աչքերը ժայթքել շողեր թունաւոր…
ձեռքերը գործել անպատիժ ոճիր…:
Վանդակը դրուած Արծիւին նման
իմ կեանքիս անցած տարիները հինգ բանտարկուեցա՛ն…
բայց երազեցին արծիւին նման տագնապող հեւքով
օդն ազատութեան՝ թռի՜չքն ապահով
ու ամէն անգամ մթնշաղին հետ…
իջան թեւերուն թախիծի ամպեր
ու տառապանքի՛ աննշմար ստուեր…:
—Ինչքա՜ն ահաւոր տառապանք բերաւ պատերազմն անգութ
ու տառապանքին հետ ինչքա՜ն լոյս ու յոյս՝ երկինքիս կապոյտ…
ու հաստատեցի
թէ տառապանքը
մարդուն համար է…
բայց մարդը միա՜յն
չէ՛ տառապանքի համար ապրելո՛ւ…
թէ մարդը զօրեղ
վե՛ր է ու բա՜րձր իր տառապանքէն
իր շղթաներէն…
անհանդուրժելի…:
—ինչքա՜ն լոյս ու յոյս իջան երկինքէն ի՛մ տառապանքիս:
5 Մարտ, 1980
25
ՄԻՆՉԵՒ ՅԱՋՈՐԴ ՋՐՀԵՂԵՂ
Երկնքի անունջ
աստղերէն ծնող մութը հեւիհեւ
մտաւ հոգիիս նոր տապանին մէջ…
ու հոն ծուարած
դիտեց աստղերը, որոնք շնչահատ
կ’իյնային կարծես դեռ չարտասանուած
հին աղօթքներու շիրիմներուն վրայ:
Երկինքէն ինկող բոլորովին մերկ
ու անեղ ծառերն արմատէն խզուած
կ’ահաբեկեն զի՛ս
ու տապանին մէջ կծկուած հոգիս…:
Ու գուցէ՜ մինչեւ յաջորդ ջրհեղեղ ոչ մէկ փրկարար տապան կը մնայ:
Մեղքի՛ տագնապէն
արեւը որպէս կրակի ջրվէժ կը սահի տիղմի
անտառը վայրի
եւ ուր կը թաղուին ամայաբնակ ոգիներն լոյսին
լոյսի անձկութեան տագնապէն կոծուած
մեղսածուփ շունչս կ’որոնէ այլ վայր
ուր հանգչի խաղա՜ղ…
բայց գուցէ՞ մինչեւ յաջորդ ջրհեղեղ ո՛չ մէկ հող խաղաղ կ’արարէ քարայր
26
կամ ապաստարան հեւքիս՝ հալածեալ․․․
Երկնի խռովքէն աղաւնիներու զարմը զառամած մեռնի անժառանգ
տապալին լեռներն այրելով անվերջ ծառերն անծփանք…
ու գուցէ՜ մինչեւ յաջորդ ջրհեղեղ չմնայ ոչ մէկ ձիթենիի ոստ
քնքշանք ծառի՝ որ շոյեն, մեղմեն
շունչիս պարուրուած մեղքի տառապանք…:
Նոր տապանին մէջ կուչ եկած հոգիս
տիղմին ահագին ծաւալէն անծա՜յր
կը յուսաբեկի…
տապանէն անդին դեռ ո՞ւր ճողոպրի…
ծաւալող տիղմը կը պարածածկէ
ծառացող ամէն լեռ ու աշտարակ
ու երկնակարկառ ամէն ճիչ արդար՝
կամ սուր ժանգոտած
տիղմին մէջ անօդ՝ աստղերուն յառած՝ կը հեղձամղձի…:
Տիղմախրումէն
աստղերն երկիւղած որպէս անաստուած հրի նոր հեղեղ
կ’իջնեն անխնայ թշուառութեանս փոշիին վրայ
ու մոխիրին մէջ անձկութիւններուս․․․
անէութեան կամ անդունդին աչքը ինծի սեւեռած
կը սահիմ վիհն ի վար անզգայացած…:
Եւ գուցէ՞ մինչեւ յաջորդ ջրհեղեղ չմնայ ոչ մէկ մարդու ճիչ անմեղ…:
Բնաջնջումի վախէն կծկուած
տապանէն անդին դեռ ո՞ւր ծուարիմ…
մահուան շողերէն կը մարի ի սպառ
լուսինը որպէս յայտնութեան տեսիլք…
կ’երեւայ վերը ռազմադաշտ մ’անտես
որ իր կրակէ փոշին խելագար
27
կ’արձակէ վրաս…
Երկրին խաժամուժ ստուերներուն չափ
անջրպետը լայն դեռ կը խճողուի…
արբանեակներու հրեղէն սոյլով
եւ դժնետեսիլ արահետներով
անհունը կ’իջնէ տափաստաններու անլոյս ոլորտին.
մահուան շողերէն թրթիռ մը թունոտ կը ձուլուի շունչիս…
երկնի ու երկրի խուճապէն շփոթ
ու խելակորոյս խճողումներէն
կ’ապրի ճգնաժամ, անյոյս մղձաւանջ մահամերձ հոգիս…
Ու գուցէ մինչեւ յաջորդ ջրհեղեղ կը մեռնի մարդը իր անդոհանքէն…:
Կ’աճի անդոհանքն հովերէն կազի
կամ սպասումներէն անծանօթ ահի…
բոլոր երկնային ուժերը մէջս կը տեղաշարժին
ու կը նուաղին հսկող կանթեղներն անձուկ հաւատքին
ու հանգող յոյսին…
ու կործանումի ստուերը հեռուի
որպէս ուրուական մէջս կ’երեւի…
ու կը թուի թէ արձակած աստղէս
կամ բռնկումէն հիւլէի մը հուր
փոշիի մը պէս պիտի կորսուիմ…
Ու գուցէ՜ մինչեւ յաջորդ ջրհեղեղ մահը փնտռեմ հեռացմամբ մահէն…։
Օդին մէջ անծայր ու ծովուն վրայ
քաղաքներ շինեմ որպէս աշտարակ վեր բարձրացնեմ,
անհունը խառնեմ ծովու կապոյտին
28
իջնեմ յատակը ջրաշեղջ հողին
ու առասպելի անմեռ աստուածներ բերեմ աշխարհին
կամ գեղեցկութեան ու երջանկութեան
բոլոր քուրմերը հանեմ դրախտէն…
հիւլէն կործանման ծուխով իր շունչին անպարփակելի
կ’ոչնչացնէ ինչե՜ր ամեհի…
Ու գուցէ յաջորդ՝ ջրհեղեղէն ետք
քարի վրայ քար չմնայ երբեք
ու ոչ մէկ տապան կարենայ փրկել
զիս բնաջնջող կործանումներէ՛…:
6, Սեպտեմբեր, 1986
29
ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ…
Յարութիւն Թորոսեանի Ցուցահանդէսին այցելութենէն ետք….
Հոգիին պէս բանաստեղծին…
այնքա՜ն մեղմ են գոյները հոն,
որ կը հոսին կարծես յորդուն պաստառներէն ճերմակ ու լուրթ
եւ կը շոյեն գգուանքներով հոգիներու խորշերը մութ…:
Կապոյտը հոն երկնքի խոր անձաւներէն
ու դաշտերուն գեղածիծաղ երկինքներէն
կամ Սեւանի ծովէն ծաւի
խաղով գոյնի ու վրձինի երանգներով
պաստառ բերուած կեանքի աղուոր, անրջական պահերն են ծով…:
Կապոյտը հոն սովորական կապոյտը չէ՜…
երազին մով ծուխով շաղուած լուրթ եթերն է…
եթերային երազ շնչող ու օրօրուող մաքուր օդն է
չնաշխարհն է…:
Կապոյտին մէջ այս որքա՜ն ձիւն կը տեսնեմ ես
ու գգուական կապոյտ երազ՝ դաշտերուն մէջ երանգներուն…
որ կը խայտայ անհունապէս
զիս տանելով կոճակներուն բացած կապոյտ ակօսներով…:
Կապոյտը հոն արմատ ունի, կամ աչքեր նոր,
խոր Սեւանին մեղմ ջուրերուն մէջ կապտածոր…:
30
Հոգիին պէս բանաստեղծին…
այնքա՜ն յորդ են գոյները հոն,
որ Արեւին ոսկին դեղին ու դաշտերուն հողը դեղձան
որպէս գոյներ զուարթութեան
կը փարատեն լուռ պատերուն տխրութիւնը աշնանային…:
Դեղինը հոն ճամբաներու փոշին դեղին
ծաղիկներու բեղմնափոշին
կամ արեւին շառաւիղէն շողեր շռայլ
լոյսի ակով… գոյնով լոյսի… հրախաղով…
հաւաքեր է սպիտակին վրայ փափուկ ու ձիւնափայլ,
որ գիշերէն, խաւարէն ետք ամէն օրուան…
կեանքին վրայ բացուող գարնան լուսաբացն է յաւերժական…:
Դեղինը հոն աշնան տխուր դեղինը չէ՜,
ՆԱԹԻՒՐ ՄՈՐԹԻ նարինջն անկեանք բացակայ է…
բայց ես որքա՜ն լոյս կը տեսնեմ դեղիններուն մէջ արեւին…
ու շէկ արեւ՝ լոյսերուն մէջ,
որ ցորեանի կոհակներով կեանքին հունձքին զիս կը տանին…:
Հոն դեղինը բոյրեր ունի
արեւին մէջ հայ լեռներուն…:
Հոգիին պէս բանաստեղծին…
այնքա՜ն շատ են գոյները հոն,
որ որպէս ծառ կը ծաւալին էութեան մէջ կանաչ հողին,
ստուերին մէջ խորհուրդներուն…
ու կը ներկեն կանաչներու մաքուր հեւքով ու հեշտագին…
ամէն ծաղիկ, ամէն կեղեւ ու հոգիի դաշտագետին…:
31
Կանաչը հոն տերեւներու մերկ հոգիէն
կաթիլ-կաթիլ ցօղուած լոյսի կանաչ հանդէս…:
Պուրակներէն, հովիտներէն
դալարագեղ Ծաղկաձորէն,
կածաններով լեռնալանջի, ակօսներով դալարիքի
ինչքան կանաչ է հաւաքուեր
ու կանաչի սերմ ու առէջ՝ ծառի ստուեր…:
Կանաչը հոն գոյն չէ միա՜յն
անբոյր խոտի մարգագետին…
կամ դղեակին առջեւ աճած ինքնաբոյս ցող կանաչապատ…:
Խաղաղութեան խայտանք ու խինդ՝ է՛ ովասիս վերացումի…
յոգնած աչքի ակնախտիղ՝ ու Լռութեան աղբիւր յուռթի…
Կանաչին մէջ այս որքա՜ն ծառ, ծառի խորհուրդ կը տեսնեմ ես,
որ կը ծաղկի անվերջ կարծես,
զիս տանելով կանաչներուն բացած անդորր հովիտներուն…
ու լռութեան դղեակներուն…:
Հոն կանաչը ծառալեռ է
ծովու կանաչ խորութեան մէջ…:
Հոգիին պէս բանաստեղծին
այնքա՜ն հուր են, կրակի թոյր գոյները հոն,
որ կը վառին հրատի պէս, կը վարարին կակաչի պէս
սփռուելով դաշտ ու բլուր ու հոգիի լեռներ ու ձոր…:
Կարմիրը հոն արիւններէն կակաչներու
վերջալոյսէն արեւներու
կամ մատեանէն որդան կարմիր հայոց գոյնի
32
խառնուելով սեւ կարմիրին մէջ եղեռնի
պաստառ բերուած տխրութիւնն է ժողովուրդիս…:
Բայց կարմիրը այնտեղ միա՜յն արեան գոյն չէ…
կամ արեան՝ ճիչ…
դէպի անծայր հորիզոններ բացուած երկա՜ր ճանապարհ է…
գոյնի հրաշք ու արարիչ՝
որ կը մղէ ծառը ցասկոտ ծառացումի
մարդը կարմիր ընդվզումի…
յաղթանակի զարմանալի….
Կարմիրին մէջ ուրախ կակաչ
նաեւ որքա՜ն արեան կարկաչ կը տեսնեմ ես,
որ զիս կարծես
կը համակէ հի՜ն տխրութեամբ
կ’առաջնորդէ բոսոր ճամբէ նոր գոյներու կամ երազի որոնումին…:
հոն կարմիրը իր ինքնաստեղծ գոյնը ունի
մատեաններու էջերուն մէջ մեր Անցեալի…:
Գոյները հոն համանուագ…
բայց ես որքա՜ն լոյս ու երանգ
բանաստեղծութիւն կը դիտեմ
գոյներու մէջ եթերաճեմ…:
25, Յունուար, 1980
33
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՂՕՂԱՆՋ՝
ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՀԱՅ Է, ԱՐՑԱԽԸ ՄԵՐՆ Է
Լռած լեռներու խաղաղութիւնը
մռնչե՛ց յանկարծ…
Եւ հողը ներսէն, խոր ընդերքներէն
դղրդաց… ճչա՛ց…
-Ե՛Ս ՀԱՅՈՑ ՀՈՂԻՆ ԴԱՐԱՒՈՐ ԲՈՅՐՆ ՈՒ ՇՈՒՆՉՆ ԵՄ
ԽԵՂԴՈՒԱԾ…:
Մեռած կարծուած քարերը մէկէն
ձայն տուին իրար,
եւ արձագանգեցին քարանձաւներէն
հովեր քարացած… ու խռովարար՝…
— ՄԵՆՔ ՀԱՅՈՑ ՍԱՐԵՐԷՆ ՊՈԿՈՒԱԾ ՇԱՌԱՋՆ ԵՆՔ ՔԱՐԻՆ…:
Ականահարուած վանքերուն խորքէն
լոյսեր երեւցան…
որոնք շարժեցին հայ զանգակատան
լռած զանգերը
ու ղօղանջեցին երգ մ’ըմբոստաձայն…
—ՄԵՆՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԲՈՂՈՔՆԵՐ՝
ԱՆԴԱՐՁ …
Ու կոխկռտուած սուրբ խաչքարերու
չարչարուող մեղեդիներով
եւ խաչին արեան ցասմամբ ահարկու
34
քարին ու խաչին հողերը անտէր
աղաղակեցին.
— ՀԱՅ ՏԱՌԱՊԱՆՔԻՆ ԽԱՉԵՐՆ ԵՆՔ ԱՐԴԱՐ՝ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՌԱԾ…:
Հողագոյն հայեր փրկութեան յառած իջան լեռներէն…
շարժեցին լեռներ ու մրրիկներէ շարժեցան անզէն…:
Հողին ոգեղէն զէն ու զրահով զինուած պաշտպանուած
հէ՜ք արդարութեան անգո՛յ երկնքին դուռը թակեցին…
բաղխեցին անվերջ հողի կրակին շունչով փոթորկած…
ու խռովքն իրենց իբր հաւատքի սուր բարձրացուցած…:
Սեւ ու կատաղի փոթորիկներէն դաժան լեռներուն
իջան ուրացման ցուրտ քամիներ, զարկին շառաջուն
հայոց պոռթկացող ու ալեկոծուող ուռճացող ճիչին…:
Աշխարհ իմացաւ, թէ արդարութեան դատ մը ծուարած
կա՛յ հոն, աշխարհէն հեռու, մեկուսի լեռներու լանջին…
սրտէն ծուատուած ու յափշտակուած
հող մը կայ այնտեղ
որ կը տոչորի փրկութեան դողո՜վ…
որ կը մաքառի մահուան ճապուռին
ստուերներուն դէմ…
Կեանքի հրաւէր ու կոչեր կ’ուղղէ իր տառապանքով
հեծո՛ղ, ճնշուած համայն հայերուն, որոնք կը քալեն
անձայն խիղճերուն, լռութիւններուն վրայ կոխկռտելէն…:
Հող մը կայ այնտեղ՝ սրտէն ծուատուած ու յափշտակուած
որ պիտի մեռնի վէրքերուն ճիչէն…
35
ու կարօտներուն սուր սաստկութենէն…
ու ժողովուրդ մը՝
ճիչին ցաւերէն խելագարօրէն
պահանջքներուն հետ իր իրաւունքին
կանգներ է անզուսպ, ծառացեր՝ խիզախ
հայ ղօղանջներով ցեղային սրտին
կը զանգահարէ՛
համայն աշխարհին ու թշնամիին
-Ղարաբաղը հայ է, Արցախը մերն է…:
18 Մարտ, 1989
36
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԾԱՌԻ ՄԸ ՀԵՏ…
-Ես դեռ ծաղկո՜ղ
բայց անծաղի՛կ վայրէ կու գամ…,
որ ծաղկաշատ սաղարթներուդ ստուերներուն սարսուռներէն
ու անդորրէն՝
սիւք ու դողեր մէջս առած դեռ խորանա՜մ…
մինչեւ հասնիմ
արմատներուդ ես հողեղէն…։
-Ե՛ս անանուն ծառ մը շատ հի՜ն…
հողէն ծնած, ծլարձակած
ճիչն եմ հողին…
նայուածքներէ ընդմիշտ հեռո՜ւ
հպումներէ ես ձերբազատ
բնութեան ջինջ ոլորտին մէջ
մխրճեր եմ վայրի հեւքս իմ հարազա՛տ…:
— Կոյս ու մաքուր տեղ կը փնտռեմ
ճահիճներէն հեռանալով…
արմատներուդ լոյսով լուալ
աչքերուս շուրջ լեցուած ճիպռը…
ու մաքրուիլ հողով անջո՛ւր…
ու ջուրերուդ՝ մաքուր հողով…
տերեւներուդ շշունջներով
ճչալ ցաւիս մրմուռները…:
37
Ես անանուն ծառ մը շատ հի՜ն…
հողէն ծնած, ծլարձակած
ճիչն եմ հողին…
38
– Չկա՛յ ոչ մէկ ինծի բերող
կածան կանաչ կամ անկանա՛չ…
ինչպէ՞ս հասար բարձունքներուս՝
ուրկէ անհաս միայն ճաճանչ
ու կանաչ բոց կը բարձրանան.
ես խորհուրդն եմ ամայութեան
ու անհամբոյր առանձնութեան…
ոգիներու օթեւանն եմ
Ծառի հսկայ կերպարանքով…
կեղեւիս մէջ դարերու հին շունչը կայ բո՛րբ…:
—Երկա՜ր ատեն որոնեցի
քե՛զ ծառաշատ վայրերու մէջ…
երբ չգտայ սովորական անտառներու կոյս խորշերուն…
անկո՛խ ու մութ ուղիներով
անցայ անձայն
ես ծամածուռ բաւիղներէն…
մագլցեցայ սեպ ժայռերէ,
արիւնեցայ գայթումներէ,
որ անսովոր տեսքդ գտնեմ
ու անմատոյց բոցդ տեսնեմ,
ու դարեղէն արմատներէդ
ճիւղաւորուող աղբիւրներուդ
ծփանքներով ես սարսռամ…:
– Այսքա՜ն ատեն ես հողին հետ
կ’ապրիմ խաղաղ, միաձուլուած…
հողը մէջէս լոյսով շաղուած
զիս հերկելով կ’անցնի ներքին ակօսներէս,
ու կը հասնի մինչեւ ոստիս իմ լուսագէս…
39
Այսքա՜ն ատեն ես հողին հետ կ’ապրիմ խաղաղ, միաձուլուած…
40
հող ու լոյսով ես ծածկուած ամբողջովին,
հողին բոյրով, լոյսին հեւքով, հողով կ’ապրիմ…
հողէն մեկնող, հողին դարձող
արմատներուն սուր ճիչերով,
ես դարձեր եմ կանաչ վկան
հողին անմեռ ու մշտաբուխ գոյացութեան…:
-Ես հողազուրկ ծղօտ մ’երեր…
կամ բեկորի սահող ստուեր…
հող կ’որոնեմ… եւ հողին հետ, բնութեան հետ
միաձուլուած, ներդաշնակուած էութիւն մը,
որ զիս փրկէ
ճիրաններէն քաղաքներուն…,
վայնասունէն երկաթներուն
հեղձամղձուկ ծուխ ու մուխէ, փոշիներէ՜…
հող կ’որոնեմ, հողէն ծնած ծառ ու ծաղիկ,
որ միանա՜մ, միաձուլուիմ տարերքներուս,
հողով մաքուր, ծառով զարգուն,
աճիմ, մեծնամ ու ծաւալիմ,
որ փաթթուիմ արմատներուս…:
-Թեւատարած անհունին մէջ
կանաչապատ ես առասպել…
երկինքին մօտ երկնածարաւ շրթունքներով
կը համբուրեմ մշուշներու կապոյտը զով
ու լեռներու երկինքը մով.
անհունն իմ մէջ,
ես անհունին մէջ ծուարած ծուէն մը մո՛րճ…
41
օ´ր մը միա՜յն, եթէ դառնամ մա՛րդ ծառեղէն…
պիտի պատմե՛մ
մարդու մէջէն անհետացող՝
խորածաւա՜լ կարօտներէս…
կարեկցանքի թրթիռներէս…
երազային խո՛ր սէրերէս…
յիշողութեան ակունքներէս…
արմատներուս պատկանելու
իմ ինքնագոհ հրճըւանքէս․․․։
10, Մայիս, 1983
42
ՊԱՏԵՐԱԶՄ Է ԴԵՌ… ՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Է
ՊԷՏՔ
Պատերազմէն հինգ տարի ետք…
կը կարծե՜մ թէ կրնամ հիմա ըսել այլեւս ու յայտարարել
թէ՛ պատերազմը աղտոտ ու անգութ՝ անհեթեթ բան է…
աղտոտ ու անգութ այսքան բաներէ ետք
հոգիէս թաքուն ու խռոված ճիչ մը կ’արձակուի…
— պատերազմ է դեռ… ու խաղաղութիւն է պէտք…:
Ես չեմ ատեր պատերազմը…
ատելութիւնը պատերազմի պէս գէշ բան մըն է…
որովհետեւ, պատերազմը ատելութենէն ծնող ա՛յն սեւ մաղձն է,
որ հրեղէն հեղեղի նման, անձրեւի նման անձեւ՝ որպէս նոր ջրհեղե՛ղ
կը թափի անվերջ
ու տաք սարսուռներ, դողեր կը բերէ
կ’այլանդակէ’…
բայց ինչու՞ անձրեւը կանգ կ’առնէ յաճախ
ու երկնքի անսպառ ցնցուղը կը ցամքի մէկէն.
նոյնիսկ Աստուծոյ անգութ պատիժ ջրհեղեղը՝ քառասուն օր, քառասուն գիշեր
ետք
դադրեցաւ, կեցաւ.
ծիածանի յորդ գոյներ ակնաթով երեւցան զուարթ
կապոյտի տամուկ ակօսներուն մէջ…:
43
Բայց պատերազմը դեռ քառասուն անգամ քառասուն գիշեր ետք
կը հնձէ, կ’ազէ ծաղիկ ու թիթեռ, նոր բողբոջներ գարնան…
կ’ուշանայ երազուած խաղաղութեան անյայտ՝ յայտնութիւնը ծիածանին…
կ’ըսեն թէ պատերազմի տխուր օրերուն, հրձիգները մորթեր են բոլոր
Լիբանանի աղաւնիները…,
որպէս զի այլեւս ոչ մէկ աղաւնի երեւնայ ու թռչի
Լիբանանի երկինքին վերեւ ու խաղաղութեան
շունչով նորոգէ թթուածինները մեր աղտոտած օդի´ն…
կ’ըսեն թէ պատերազմի տխուր օրերուն խաղաղութեան թշնամիները
անլոյս գիշերուան մը մէջ յարդգողի ճամբով
բարձրացեր են վեր ու կողոպտեր են եւ յափշտակեր՝
ծիածանին գունագեղ ոսկիները բոլո՛ր,
որպէս զի այլեւս՝
Ոչ մէկ գեղեցիկ գոյն
ոչ մէկ երազի ծո՛ւխ
ոչ մէկ գիշերուան վա՛րդ
ու նարնջենիներու
բուրաւէտ ծաղիկ
սփռուի, մխալ ու բուրէ մի՛շտ մեր երկնքին վրայ…:
Ու մինչ հոգիէս բարձրացող ճիչը կը կրկնէ անվե՛րջ
-Պատերազմ է դեռ… ու խաղաղութիւն է պէտք…:
Պատերազմ է դեռ… բայց խաղաղութիւն մի յուսաք երբե՛ք
աշխարհի վրայ…
երէկ Վիեթնամ
այսօր Լիբանան
վաղը Պարսկաստան
ու պատերազմի անձկութեամբ է լի՛
երկրի ապագան…:
44
Պատերազմը միշտ կա՛յ ու դեռ պիտի ըլլայ
կ’ըսեն, կը կրկնեն մեր դարու տխուր մարգարէները,
քանի հէք մարդուն հոգիին մէջ մութ՝ հողը կայ պատրաստ
ու ամէն երկրի ու ազգերու մէջ կան հողեր դեռ պարարտ
ատելութեան սեւ թոյներ ու մաղձեր աճեցնող շա՜տ…:
Ես չեմ ատեր պատերազմը…
այլ՝ կ’ատեմ անյոյս ատելութիւնը…:
Ու կ’ըսեն մեր դարու տխուր մարգարէները
-Ինչո՞ւ Աստուած տուաւ որոշում ջրհեղեղ չընելու
ու երկրորդ անգամ ջրհեղեղ չեղաւ…
ինչո՞ւ չի տար ուրիշ որոշում պատերազմ չըլլալու
պատերազմ չընելո՛ւ…:
Ու մինչեւ ե՞րբ մարդկութեան հոգի՛ն
տառապանքով խեղճ դեռ պիտի ճչայ, աղաղակէ ու հառաչէ
— Պատերազմ է, ա՜խ… Խաղաղութիւն է պէտք…:
26, Հոկտեմբեր, 1979
45
Աղաւնիները
Աղաւնիները
այսքա՜ն վախերով չէին կծկուած
երկնքի փափուկ վերմակներուն տակ…
ու եղեռնէ մը կարծես խոյս տուած
չէին հեռացած այսքան վայրեր մութ…
ու այսքան երբեք չէին խռոված մարդերէն անգո՛ւթ…:
Աղաւնիները
խոյս կու տան հիմա այն երկիրներէն, վայրերէն անհաշտ,
ուր ձիթենիի ծառեր կը կոտրեն, որպէսզի երբեք
ձիթենիի ոստ իրենց փափկաշուրթ կտուցներէն կախ՝
աղաւնիները չթեւաբախեն
երկնքին վերեւ կամ հոգիներու մէջէն կենսուրախ…:
Աղաւնիները
այսքան մոլորուն ու խուճապահար չէին շուարած…
որ ու՞ր փախչին… եւ ու՞ր հանգչին երբ բոլոր ամպամած
երկինքներէն թուխպ կը սուրան անտես ուրուներ անթիւ,
ու իրենց ձայնին սարսափով, թոյնով ու որոտներով
կը մահացնեն ճախրող ամէն հեւք ու թափառող հով…:
46
Աղաւնիները
կապոյտ անհունին բաց ծերպերուն մէջ կ’որոնեն խաղաղ
երկինք մը ծաւի, ուր ապաստանած հրեշտակներու
խաղաղութեան շիթն կամ շունչն հեռասփիւռ ղրկեն շատ հեռո՜ւ…
որ կապոյտ երգով ու խաղաղարար մեղեդիներով
ողողեն աշխարհն ու զայն զարդարեն յոյսին ծաղիկով, բնութեան ճիչով…:
Աղաւնիները
երկինքէն անդին գուցէ երկնային քարանձաւին մէջ
կ’որոնեն թաքնուած աստուած մը բարի՝ պառկած լոյսին տակ…
որ յիշեցնեն մարդկութեան հանդէպ Սէրն համապարփակ…,
որ երթան թառին Աստուծոյ կոպին ու արթնցնեն
խիղճն իր խռոված՝ փրկելու համար մարդն անապաւէն…։
Աղաւնիները
յուսահատ կ’իջնեն իրենց երկնքին կապոյտ դաշտերէն…
չմնաց սիրոյ ոչ մէկ փափուկ բոյն, ուր կտցահարեն
դեռ սիրատոչոր շրթունքներն իրենց: Բոլոր կքած են
խաղաղապաշտ ու ծաղկած ծառերը որ կ’ահաբեկին ահեղ որոտէն
ու մայրամուտի լուռ շողերուն մէջ մահուան բոյրերը կը համասփռեն…:
Աղաւնիները
կծկուած վախէ խաղաղ երկինքներ կ’երազեն միա՜յն…
կը գաղթեն իրենց հայրենիքներէն լուռ կամ մենաձայն…
բայց ո՛ւր որ հասնին բնաջնջո՛ղ օդ կը շնչեն դարու…
կամ կը հանդիպին մորթող ձեռքերու…
վախ կայ հիմա, որ կոտորուին անդուլ աշխարհի բոլոր
բոլորանուէր ու խաղաղաբեր աղաւնիները…
24, Դեկտեմբեր, 1983
47
ՀՈՂԻՆ ԲՈՅՐԸ…
Տեսիլքիս լոյսէն կը խայտան խելար
օդին մէջ ցրուած բոյրերը հողին…
կորսուող բոյրին հետքերը անյայտ
կ’որոնեմ մարմրող շողերէն հեռուի՜…
շողակաթ բոյր է հողէս ծաւալող
ու անվերջ մէջս սփռուող ոգին…
շուրջս բարձրացող բոլոր բարձրաճիչ
բոյրերէն տարտամ կ’ընդգրկեմ ուժգին
հողին բոյրը ջերմ, որ աճեցնող ու
ապրեցնող հեւք է կենսալի…
ու ապականող օդս եւ շունչս
այրելով մաքրող բիւրե՛ղ ապակի…:
Ի՜նչ թմրեցուցիչ ծուխերուն մէջէն,
հողին բոյրերէն բարձրացող ծուխը
կը կլանէ զիս, ու կը վարարէ
շնչառութեամբ մը հողաբոյր օդի…
կը զգամ թէ տարբեր բուրմունքով յորդուն
օդ մը կը շնչեմ, որ զարմանալի
ուժով կ’օժտէ զիս… կը բազմապատկէ
կարմիր գնդիկներն իմ բջիջներուս…:
Կը փռուին դէմս հողածածկ դաշտեր՝
ուր ծառերը զերթ ոգիներ կ’աճին
ու մեռելները իբր ծառ կ’ապրին
յաւիտենական բոյրովը հողին…:
Հողին բոյրերէն բռնկած հոգիս՝
ծիրէն դուրս ինկող տեսիլքներ ուրիշ
48
Հողին թոյրը ջերմ, որ աճեցնող ու ապրեցնող հեւք է կենսալի…
49
չեն ոգեւորեր… այլ կը նահանջեն
բոյրերու բեղուն շունչին առջեւէն…:
Ու ամէն անգամ մեռնող բջիջ մը,
որ մէջս կ’ապրի անյոյզ թրթիռով
հողի ու հեռուի ծփանքէն բոյրին
կ’արթննայ յանկարծ զուարթ կարկաչով…:
Ամէն հեռուի դաշտ կամ ոլորտներ անբոյր՝
ուր ծաղիկները իբր քար կ’ապրին…
բոյրը տրորող քարեր կը շնչեն
հողին երազը կը մեռնի անհո՛ղ…:
հողէն բոյր քաղած, հողէն լոյս առած
կարօտը միայն կը տեւէ իբր
հողածուխ քնար
հողաթաւալ քար…:
Մէջէս հեռացող ու մեկնող լոյսերը՝
որոնք չեն ապրիր այլ վայրերու մէջ
ուր խամրած բոյրեր օդը կ’աղճատեն
իմ մաքուր օդս՝ իբր լոյս անշէջ
հզօր ապաւէն…
հողին բոյրերով կը վերադառնայ
ու կ’ապրի մէջս իբր լոյսի բոյր…:
Հողին սէրը ջինջ, կարօտը կիզիչ,
լո՛կ բոյր կ’արձակէ ու իբր աւիշ
կը շարունակուի վաղուան սերմին մէջ…:
Բայց ես հո´ղ, հո՛ղ, հո՛ղ կը ճչամ, կը տենչամ
որուն բոյրերով չսպառիմ… ապրիմ
ու շարունակուիմ…
ողջ էութեանս ռունգերով առողջ
շնչեմ, ներծծեմ հողին բոյրը տաք…:
27, Սեպտեմբեր, 1987
50
ԱՒԱԶԻ ՀԱՏԻԿ ՄԸ… ԵՒ ԿԱԹԻԼ ՄԸ ՋՈՒՐԻ…
Փոքրացանք կարծես աւազի մանր հատիկի մը պէս…
մանրացանք այնքա՜ն, որ փոքր բանէ շնչահեղձ կ’ըլլանք…
փշուր մը ինչպէս կ’անհետի չինկած, մենք կ’անհետանանք
մեզմէ հեռացող մութ ստուերներու փախուստներուն մէջ…
կամ կ’անէանանք ամէն օր կարծես, անվերջ մանրացող
աւազի անտես հատիկներուն մէջ…:
Ինչքա՜ն մեղք ու մուխ անցեր են մէջէն մեր հոգիներուն
ծուատուած ճեղքին…, որ աւազները բարկ անապատի
ցասումով մ’ահեղ միացած ծովու գէջ աւազներուն
խուժեր են աշխարհ ու մեր աշխարհը անպարփակելի…
կը շաչեն ուժգին մեր հիւանդ դէմքին… հոգիին փխրուն…
կը մտրակեն մեզ… որ ապաստանինք որպէս աւազի
հիւլէ մը ջնջին՝ երկինքէն մաղուող նոր փոշիներու
շուքին անկայուն…:
Աշխարհը անդին՝ դեռ կը ծաւալի՜ ովկէանէ – ովկէան…
կը սուզուի անվերջ աստղերուն անլոյս աւազներուն մէջ…
երկրէն անջատուած՝ անջրպետին մէջ կը մղէ կռիւ…
աստղերու լոյսին… ամբողջ աշխարհի մթութեան համար…
մենք հողին վրայ հողամաղ փոշի, աւազի մասնիկ
մեր բջիջներուն հիւսկէններուն մէջ պահուած շունչ փոքրիկ…
դեռ կոտորուելով պիտ’ դառնանք անտես մանրափոշի կամ աւազահատիկ…
անսահմանին մէջ որքա՜ն մանրանանք… մենք մարդ ենք դարձեալ…։
51
Հոսիլ-ծիւրելով, հալիլ-հատնելով մնացինք միայն
կաթիլ մը ջուրի, որ մեզ չի՛ փրկեր ծարաւնէս անգամ…
ի՜նչքան պապակ ենք ջուրի բնական հոսքերուն վճիտ
կաթիլներուն ա՛յն՝ ջինջ ու սպիտակ՝ կ’իջնէին մեր մէջ
անտեսանելի ակէն Անհունի՝ անձայն կարկաջով…
Կաթիլ մը ջուրէն դաշտը կը չորնայ, անգոյն կը մնայ…
չծլարձակած սերմը կը մեռնի, կը խամրին անջուր
բոյրերը հողին… ու առանց բոյրի մենք ալ առանձին
կաթիլ մը ջուրով չենք կրնար դառնալ շաղախը Կեանքին
ՈՒ ԿԸ ՄՈԼՈՐԻ ԱՇԽԱՐՀՆ ԱԼ ԱՐԴԷՆ ԱՌԱՆՑ ՇԱՂԱԽԻ…:
Կաթիլ մը ջուրով մենք լուռ կծկուած մեր ցամքած ակին
մենք դեռ կ’ահաբեկինք աշխարհն ողողած ջուրի հեղեղէն
կամ ջրածնային տագնապախռով, խելագար հովէն…
որ մեր մնացած մէկ կաթիլն անգամ կուլ-կ’երթայ անհետ…:
Որքա՜ն փոքրանանք աւազի մանր հատիկի մը չափ…
Որքա՜ն կաթկթինք, կաթիլ ջուր դառնանք, պիտ’ չանյայտանա՛նք…:
5, Սեպտեմբեր, 1985
52
ԿԱՆԱՉ ԾՈՎԵՐ…
Կանաչ ծովե՜ր,
Կը խորանան մէջն անհունին ու դեգերող հովեր խոհուն
կը խլրտեն մեծ խռովքով ոլորտները կանաչներուն…
մերթ կոհակներ կը բարձրանան հովիտներէն աներկրային…
ու կը ծածկեն հորիզոնէն դաշտ ու անտառ…։ Մինչ կ’այլայլին
սօսափները կանաչ ծովին նօսրացումէն կապոյտ մէգին…:
Կանաչ ծովե՜ր…,
երկնածաւալ կապոյտին մէջ բարձունքին հողը կը հերկեն…
ու ակօսներ երիզներով ճերմակաւուն կ’անցնին մէջէն
լուսաթռիչ երազներուն՝ ուր կանաչի ամէն հիւսկէն
կը պարուրուի դալարանջի երկնաբնակ արմատներուն,
որ կը պեղէ կանաչ ծովու խորունկ խորքէն լո՛յս ասմազուն…:
Կանաչ ծովե՜ր…,
ծիծաղահոս կը ծաւալին հողին տակէն ու կը հասնին
իմ ծառերուս արմատներուն՝ ողողելով զայն ջուրերով
կանաչ ծովուն, որ կ’արարէ լուսաբացներ երազային,
կ’արթնցնէ ծաղիկի դող ու ծիլի ցօղ, որ ճեղքելով
հողը արթուն կը տարածուի իբրեւ անհուն ու կանաչ ծով…:
53
Կանաչ ծովե՜…,
Կ’անցնին մէջէս իբր անհունի հասնող հովեր հոգենորոգ…..
կը մաքրեն զիս ներքին տիղմէս ու կը փրկեն այն անողոք
բարդոյթներէն, որ բռնակալ թաթի մը պէս կը ծանրանայ
հոգւոյս վրայ ու կը ճնշէ, կը պառակտէ զիս անխնայ…
բայց սուզուելով խորն անհունիս՝ լոյսերովը կ’այլակերպիմ…:
Ծաղկած դաշտեր կ’անցնին մէջէս որպէս անհուն ու կանաչ ծով…:
16, Յունիս, 1985
54
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹՍ…
ԿԱՄ
ԵՐԿՐԻՍ ՇԱԲԱԹԸ ԼՈՒՌ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻ
Աւագ Ուրբաթը միայն մէկ անգամ
չպատահեցաւ կեանքի էջերուն…
կամ խաչափայտը մարդու ուսերէն դեռ արիւնաքամ
չէ իջած երբեք…: Կամքով աննկուն
մարդը տակաւին կը շալկէ անխոնջ
իր խաչը ծանր… տառապանքը խո՛նջ…
կ’ելլէ հեւիհեւ կեանքի գողգոթան
կ’իջնէ վիհերէն ձորերը վայրի՝ մատչելով մահուան…
…երազելով կամ սպասելով միշտ՝ հրաշքն յարութեան…:
Բայց հրաշքն անսուտ Մարդու Յարութեան
պատահեցաւ հեշտ միա՜յն մէկ անգամ…:
Ուրախ ու տխուր ակնթարթներուն կեանքի երկայնքին…
ամէն մարդ կ’ապրի Աւագ Ուրբաթը իր անասելի փորձութիւններուն
կամ փլուզումը իր երազներուն…:
Մարդը չի հասնիր իր երազներուն անբաւ կատարին…
կ’ելլէ յոյսերով, կը բարձրանայ վեր սաղարթէն ամպի
ու կ’իջնէ յանկարծ ստորոտները անթաղ շիրիմին…
կրելով խաչը վերիվայրումին,
որ զինք կը տանի արահետներուն նոր գողգոթայի…:
Իմ Աւագ Ուրբաթս, պահս երկունքի
սկսաւ ցաւով Մայրիի Ծառին…
55
հառաչանքներով իր սաղարթներուն
անյոյս ճիչերով իր արմատներուն…
իմ անտանելի խաչս ճամբորդի
բարձրացաւ ուսիս, երբ օր մը յանկարծ Լիբանանի ե՛ղկ երկինքը գոռաց
իր բարկութիւնը անհասկնալի՚.
ծովերուս խաղաղ ջուրերը կապոյտ ըմբոստ աստուածներ
ու օրհասական ալիքներ դարձան
ու եզերքներուս աւազներուն հետ խուժեցին վրաս…:
Անվերջանալի գիշերը հասաւ,
արեան մրրիկը, կրակը կիրքի եռեւեփեցաւ…
ու ջղջիկները պատեցին ամբողջ լոյսը երկինքիս
երկիւղով մութի ներկեցին բոլոր իմ ցերեկներուս ակերը յոյսի…
թոյլ չտալով, որ ոչ մէկ լոյսի շող աստղերէն բարի…
կամ արեւներէն իմ գիշերուան մութ հորիզոններուս
պարուրուի ինծի…:
Այսպէս սկսաւ մղձաւանջն երկար Աւագ Ուրբաթիս…:
Բայց ամէն կրտսեր կամ Աւագ Ուրբաթ իր վախճանն ունի…
իմ աւագ Ուրբաթս… երկրիս շաբաթը լուռ չարչարանքի
մահէն աւելի դաժան թուեցաւ…
ու երկարեցաւ…:
Միա՛յն մէկ անգամ մարդը կը մեռնի…
կ’ըսեն բնութեան ձայները անձայն…
-Մարդը միա՜յն մէկ անգամ չի՛ մեռնիր…
կը յայտարարեն պատերազմի խենթ չաստուածները բիրտ…:
Միա՛յն մէկ անգամ մարդը կը խաչուի…
կ’ըսեն երկնքի անխաչ մեռելները…
56
Միա՛յն մէկ անգամ մարդը կը խաչուի…
57
– Մարդը միայն մէկ անգամ չի՛ խաչուիր…
կը ծանուցանեն մարդը ամէն օր բազմաձայն խաչող՝
անսիրտ երկիւղի ուրուականները…:
Միա՛յն մէկ անգամ մարդը կը թաղուի…
կ’ըսեն անշփոթ երկնքի բոլոր մեռելաթաղները…
– Մարդը միայն մէկ անգամ չի՛ թաղուիը…
կը պատասխանեն երկրի կենդանի մեռեալներն
բոլոր…:
Երբ պատերազմ է… վախը՝ մահերէն
աւելի անսիրտ ու զարհուրելի կը պատկերացուի,
վախին ճիչերով կը լեցուին բոլոր պատերը կեանքին
կամ կը մահանայ մարդը ամէն օր արձագանգներէն պատի ճիչերուն,
բայց ինչքա՜ն լաւ է ու նախընտրելի,
որ մարդը միայն մէկ անգամ մեռնի…:
Երբ պատերազմ է… իր ոչնչութեան արտացոլանքը
մահէն աւելի տժգոյն կ’երեւայ…:
Մարդը խաչելու ժամանակ չկայ…:
Բայց ոչնչութեան խաչերուն վրայ մարդը կը խաչուի ամէն պահ անոք…
ու ինչքա՜ն լաւ է ու նախընտրելի
որ մարդը միայն, Քրիստոսին պէս մէկ անգամ խաչուի…:
Երբ պատերազմ է… Աւագ Ուրբաթս կամ խաչելութեան պահս անձկալի
երկար կը տեւէ…
ու մահը աւելի մօտս կը թուի…
չեմ համարձակիր մեռելս թաղել,
բայց ամէն օր ողջ մեռելներուն հետ յոյսերս կը թաղեմ
ու ինչքա՜ն լաւ է ու նախընտրելի՜
որ մարդը միայն մէկ անգամ թաղուի
որպէսզի գայ մէկ անգամ միայն հրաշքն իրաւ յարութեան…:
25, Ապրիլ, 1981
58
ԹՌՉՈՒՆՆԵՐՍ
Երկնքի անյայտ ծառէ մը իջան ու կծկուեցան
անծառ վանդակիս թառերուն վրան…
տխրութեան թառանչ արձակեցին, երբ անզօր զգացին
երկինքին օդը մաքրելու իրենց շունչով վերստին…
մաքրութեան օդն ու շունչն էին անոնք, երբ ազատութեան
ճիչը շրթներուն կապոյտն անհունին կը խլրտէին…
քիչ մը կապոյտ հով, քիչ մը երկինքի արեւոտ բեկոր
բերին երդիքիս անտես ծառերուն՝ ուր թառած հիմա
իրենցմէ հեռու օդին ու լոյսին կ’երկրպագեն խո’ր…:
Բնութեան ազատ, ամայաբնակ հեռաստաններէն
երբ հեռանալով թռիչքի դալար հովիտ կ’ուղղուէին,
անհունի հովէն խլուեցան յանկարծ… իջնելով վերէն
մտան խցիկին նեղ դռնակէն ներս… իբրեւ երկնային
շունչեր խեղդուած, որ անջատուելով բնութեան հեւքէն
բնութեան շնչող բեկորը դարձան բաբախող բոյնիս…
անհունին փոքրիկ հեւքով տաքցուցին ծուխս, տունս, զիս.
առաւօտներս արթնցան իրենց ճիչին զարթօնքէն,
իրիկուններս իրենց տխրութեամբ մտան անկողին…:
59
Գեղգեղանքն իրենց սիրոյ չափ մեղմ է, համբոյրի պէս ջերմ…
այնքա՜ն տարփագին իրարու փարած սէր կը շշնչեն,
որ կարծես կեանքը սէր ըլլար միայն, կամ ինքնամոռաց
վերացում կեանքէն…: Երբ հիացումով կը դիտեմ զիրենք
աշխարհս սիրով, գգուանքի տարփով կ’ողողուի յանկարծ…
շուրջիս իրերը սիրահար ծառեր կը դառնան պչրոտ…
ու թռչուններս թափառումներու թախիծը թաղած
հեռու աշխարհի տագնապախռով ալեկոծումէն
իրենց տագնապին խորհուրդէն ծնած ճիչը կ’արարեն…:
Բայց մահը եկաւ երբ կը հիւծէին կարօտի ցաւէն…
երբ կ’երազէին վերստին դառնալ հեռուի ծառերուն
ու մեռնիլ այնտեղ… կամ ոչնչանալ օդին մէջ փխրուն…
շնչող էութեան արմատէն հեռու կեանք ու սէր ամէն
բոյր էին մահուան… կամ անհետացման դողը մօտալուտ…
ո՛չ իմ սէրս ու ո՛չ սէրերն իրենց՝ զիրենք փրկեցին…
երբ թռչուններս մահացան մէկ-մէկ, որքա՜ն առանձին
զգացի յանկարծ…: Ու տխրած ըսի.
– Մեկնեցան կեանքէն կամ անջատուեցան բնութեան սրտէն
բարութեան ճիչեր…
ու կորուստն իրենց սգացի այնպէս՝
որ մահը նոյնն է՝ մարդ է թէ թռչուն…:
19, Յուլիս, 1985
60
ԼԵՌԸ…
Մշուշով շաղուած բազում ստուերներ
որ ոգիներու ներշնչումներով
կը շնչէին հոն…
մարգարէներու ուրուապատկերով երկնեցին այնտեղ աստուած մը քարէ՝
յղուած դարերուն…։
Քարը չէր եղած այսքան լուսեղէն, ոգեղէն թռիչք
ու պատգամ խօսուն…:
Լուսախորհուրդ էր գագաթէն յառնող քարն յաւերժութեան…:
Ձիւներէն առաջ խորքը ճերմակ էր
դեռ չշնչուած եթերին պէս ջինջ…
սպիտակ խորքէն բարձրացեր էին երգ ու առասպել ու Գոյութեան Լեռ
ու իր յաւերժին խորհուրդին համար՝ ան ժողովուրդ մը հոն
արարեր էր…
որ միաձուլուած հրէ էութեան ինքզինք կ’որոնէր…
անհունին մէջ խոր գտնելով անհաս լեռն իր Գոյութեան…:
Լուսախորհուրդ էր երկինքէն յառնող, կարկառող լեռը
իր Լինելութեան…:
Ու լեռը այնտեղ քարին ճիչերով
ու իր լռութեան անդունդով կ’ապրէր,
61
ու իր մենութեան մեծ տառապանքով կ’երկնէր իր Լոյսը…
որ որպէս պատգամ կ’առաքէր ծարաւ լեռնականներուն՝
որոնք կ’ապրէին իր երազներուն թաքուն գոյութեամբ…:
Լուսախորհուրդ էր արմատէն յառնող արեւը միստիք…:
Լեռը ամեհի՝
իր լեռնաշխարհին գոյութեամբ շնչող կանթեղը միստիք՝
քարը աղօթքին մրմունջով պատած կուտակեց չորսդին…
Միա՜յն քարերուն աղօթքը անձայն լո՜ւր թափառելով
հասաւ իր լոյսին…:
Լեռը ապրեցաւ աղօթքին լուսով
ու լոյսին յաւերժ թրթռացումներով…
Քարը արարման շունչով բեղուն ու լերան երկունքով
երկնեց վանք ու խաչ՝ իր գագաթներուն մէգին մէջ սուզուած
կրկներեւոյթով…:
Կողին մէջ պեղուած ծերպերէն վայրի
Ու աներկրային քարանձաւներէն
խորհուրդով գոյնի, ելեւէջներով Գիրի ու Ձայնի
ելան լոյսի մէջ սուզուող կորսուող իր բարձունքներուն…:
Լուսախորհուրդ էր լեռը անմատոյց որպէս պաշտումի
բարձրադիր խորան…:
Լեռնականները լեռներու տխուր
անձաւներուն մէջ կանգնած առանձին
բանաստեղծութեան ու պաշտամունքի ծառ աճեցուցին…
ու ցմահ սիրոյ մատեան երկնելով փառք քանդակեցին
մագաղաթներու անմահ շիթերով
քարէ աստծոյն ոգի հեղեղող յաւերժին համար…
62
Ու յաւերժական էր հաւատքն իրենց
հողէն ու քարէն ծնող լոյսին պէս…
որ դարերու հետ մաքառած արիւն՝
դարձեր էր ուխտի աննինջ Տաղաւար…
Լեռն ու հաւատքը շաղախուեր էին մարմնի նո՛յն արեան…
Լուսախորհուրդ էր արիւնէն յառնող հաւատքը արեան…:
Ու լեռը անշարժ քանի հեղ իջեր էր իջեւանէն
իր ապաստաններուն
կամ երկինքներու իր լուսաթափանց պատառիկներէն
որքա՜ն շատ շերտեր շաղուելով հողին ու հոգիներուն
դեռ ողջակիզուող լեռնականներուն
փրկեր էր մահուան սեւ քամիներէն
ու նետեր՝ Կեանքի ափունքն արեւոտ…:
Լուսախորհուրդ էր արեւը փրկիչ լերան ոգիով…:
Լեռը ոգի էր, գագաթ ոգեկան…
որ որպէս շարժուն աստուած մը կարծես
մտեր, կանգներ էր հոգիներուն մէջ
լեռնականներուն, որոնք դեռ հեռուէն
զինք հայցող որպէս հայեացքներ տխուր
կը հալէին ու կը ցրւըւէին…:
Լեռը զետեղուած՝ ո՛չ դուրս կ’ելլէր ու ո՛չ ալ կը շարժէր…
Դաժան կսկիծ էր հալող ու ցրուող
մեծ տառապանքը մեծաշունչ լերան,
որ տարագրուած կը կանչէր հիմա
լեռնականները արեան խենթութեան…
63
որոնք աքսորուած ու հալածական
լեռը որպէս Ոգեկան բարձունք
կրելով իրենց էութեան թաքուն խորհուրդներուն մէջ
աշխարհի բոլոր պատռտած ու ծակ առաստաղներէն
կը նշմարէին որպէս Գոյութեան կանթեղը անշէջ…:
Լուսախորհուրդ էր տարագրութենէն կանչող ճիչերը արեան
խենթութեան…:
Վարարող արեան ճիչը խենթութեան
աշխարհի անհող ու մութ փողոցներէն
կամ հողին անծածկ երազանքներէն
կը հասնէր մինչեւ կարօտէն հալող լերան տենչերուն…
լեռնականներու տենչը արնաթոր
լերան երազին հետ հաւատաւոր
կը լեռնանային
արեան մէջ լիճին,
որ դէպի բարձունք, դէպի փրկութեան
ճանապարհները կը բանար անծիր…:
Լուսախորհուրդ էր ամէն ճանապարհ, որ իր անկատար տենչին կը
հասնէր…:
Մինչեւ երազին գագաթը կարմրի
քարերը ցասման լեռնականներու հետ անվերջալոյս
պիտի չլռեն…
ալեկոծեն ու ամպրոպներուն պէս
դեռ ահաբեկեն
որ դառնայ, տուն գայ Աստուծոյ Լեռը…:
18, Սեպտեմբեր, 1986
64
ՐՕՊՕԹ
Տխրութեան սաղմոս արձակեց հոգիս, երբ մարդու նման
մեքենան քալեց արահետներէն սրտի հետքերուն…
ու զարհուրանքի զարմանքով խառն ճիչեր լսուեցան
ի տես անանուն
մարդերու ձեռքով երկինքը կրկնող ձեւազեղծումին
շուարուն աչքով՝ դիտուած երկաթէ խեղաթիւրումին…
Բայց Աստուած զգո՜յշ, անտարբեր կարծես, դեռ կը վարանի
զարմանք յայտնելու՝ առանց մարդկային երկունքի ցաւին
ու բոլորովին իր պատկերին ու իրեն անյարիր
երկաթէն ծնող, երկաթ արարող ու աշխարհն ամբողջ
նուաճել ձգտող անկեանք րօպօթին լոյս աշխարհ գալուն…
Բայց կը թուի թէ Աստուած կը սպասէ դեռ այն օրերո՜ւն
երբ ամբողջովին
րօպօթի զարմը ճմլելով մարդը թիթեղի նման
շպրտէ՛ մէկդի կեանքի քրտնաթոր հեւքէն ու ճիգէն…
գրաւէ տեղն իր ու փոխարինէ անմարդկայնօրէն…
արդէն ամլութեան գոյնէն ահաբե՛կ…
մինչեւ միայնակ մարդը տառապի
ու տառապանքի ցաւերէն մեռնի…:
Աստուծմէ առաջ իրենց սարսափէն դաշտերը լացին…
որ րօպօթները կը խուժեն վրան իրենց կանաչին…
ծիլ ու ծաղիկներ ոտնատակ կ’ընեն… կ’անհետացնեն
65
սերմերը գարնան… Ու ա՛լ չհոսիր մարդերու ճակտէն
խանձուած քրտինք՝ մէջն ակօսներուն վաղուան դաշտերուն:
Աշխարհ ու դաշտեր կը մնան առանց սերմ ցանող մարդուն…:
Դաշտերէն առաջ դատապարտուած ձեռքերը մարդուն
բացին ափերուն զրկանքէն ծլող տխրութեան ցօղուն…
մարդու ձեռքերը գործարաններու մուխէն ու մուրէն
ա՛լ երբ չսեւնան ու յոգնածաւալ ճիգէն չտքա՜ն…
պիտ’ ըլլան ըմբոստ, մարդուն դէմ բռունցք պիտի կարկառեն,
ձեռքերն անաշխատ արձակեն պիտի դանդաչ ու հառաչ…:
Ու րօպօթներու ստուերին կքած մարդն հիմա նկուն
իբրեւ անվաստակ անօթ ընդունայն կը տեսնէ՜ հեռուն…
որ երբ րօպօթի զարմը անհոգի բազմանայ, շատնայ
պիտի զլացուի իրեն որ դառնալ պտուտակ անգամ…:
Ու այլուրացած ինքն իր մէջ ամփոփ մարդը տարագիր
պիտի որոնէ ուրիշ երազներ եւ ուրիշ երկիր…:
Մարդու տեղ գործող րօպօթն անզգամ՝ անդուլ-անդադար
պիտի օրն ի բուն բանի ու շարժի, չզգայ յոգնութիւն…
չերազէ հանգիստ, ու չարտայայտէ բողոքի շաչիւն…
ու նոյնիսկ եթէ լսէ ու տեսնէ ու դեռ մտածէ …
պիտի չունենայ՝
Ոգի, որ սիրէ
Շունչ, որ արարէ
յարութիւն առնող, ու վերածնուող ՀՈԳԻ չունենայ…:
1, Սեպտեմբեր, 1985
66
ՀԱՐԱՒԷՆ ԿՈՒ ԳԱՄ․․․
Հարաւէն կու գամ…
Ուր սաստիկ տաքը այրեց վերմակս ու փողոց նետեց…
խոշոր մժեղներ ծակծկեցին իմ մերկ գիշերներուս մահիճը անքուն…
սեւով երիզուած արեամբ ներկուած ճերմակ սաւանս փռուեցաւ գետին…
տանիքիս վրայ անվերջ սուրացող բիրտ բազէներու սոյլերէն դեղին…
հողս բարկացայտ ճեղքրտուեցաւ… աստղեր վար ինկան
ու ես թեւաբեկ փախայ խելագար հարաւի շոգէն…:
Հարաւէն կու գամ…
Ուր արեւ մ’օտար… թէժօրէն կ’այրէ տուներուս խաղաղ երազն անաւարտ…
ու կը տապալէ աղօթող ծառեր… կ’աւլէ դաշտ ու արտ…
ամպին պէս ձմրան սեւ մոխրափոշին կը բարձրանայ վեր հողերէս մռայլ…
կ’ողողէ հոգիս՝ հողիս տանջահար մոխրափոշիով…
տաք «խամսինի» ի՜նչ փոթորիկ է ա՛յս՝ որ իր արիւնով
անվերջանալի զիս կը մրրկէ…: Զերթ ահաբեկիչ, գիշատիչ թռչուն
կը յափշտակէ գանձս հողեղէն՝ դարձնելով զիս հողազուրկ բեկոր…,
կամ օտարական՝ տքացող հողիս ու դեռ տառապող շերտերուն վրայ…:
Հարաւէն կու գամ…
Գաղթող թռչունի երամի մը պէս…
որ կը փնտռէ… իր նորոգ բոյնը շինելու համար
ծառ մը անյողդողդ, որ իր ջերմաշունչ սաղարթներուն մէջ
կամ տանիքի մը գաղջ քիւերուն տակ
67
պահպանէ շունչս, մահուան ու արեան փոթորիկներէն
մսած ու ծեծուած մարմինս կապոյտ…
բոյն մը կը փնտռեմ… օձի խուճապէն ճողոպրած թռչուն…
մահու անձրեւէն թրջուած կկու…
բայց կը մերժում որպէս նետուած քուրջ` բացուող դռներէ, փակուող աչքերէ,
որովհետեւ, ես իմ հիւանդ երկրիս մարմինէն փխրուն
բացուած տխուր Վէրքն եմ Հայրենիքիս…:
Հարաւէն կու գամ…
Ճիչիս մէջ հատու ճիչը կայ անմեղ որպէս սրափուշ
դեռ մահուընէն ետք պատերազմն ատող իրենց հողմակուլ տան աւերակին
խոռոջներուն մէջ անթաղ մնացած մերկ մանուկներու
նահատակներու…
ճիչս պարտասուն դեռ կը ծառանայ աշխարհի բոլոր
պատերուն դէմ, որ անտարբերօրէն
կը յուսաբեկեն…:
Հարաւէն միշտ տաք
մարմինս մսած, ցրտահար կու գամ…:
31, Մարտ, 1981
68
ԻՄ ԾԱՌՍ
–Ա–
Երբ սպիտակ է երեկոն հեռուն
լռութեան բերրի բեղմնափոշիէն
երգի պէս անյայտ կը յառնէ յանկարծ ծառս իմ անտուն…
ու կը բարձրանայ դէպի լեռ ելլող կածանի եզրին…
անտառէն հեռու,
բայց ոչ շատ հեռու ուրիշ ծառերէ…:
Ոչ այնքան հեռու ուրիշ ծառերէ, իմ ծառս ծաղկուն
մինչեւ այգաբաց
կը սպասէ լոյսին… որ նոր թարմութեամբ բացուի բաժակին
այլակերպութեան…
փարի բիւրեղեայ լուսաշիթերուն
յորդի կանաչի ցօղերով բեղուն…:
Լռութեան բերրի բեղմնափոշիէն…
կը հիւսէ ծառս իր սաղարթներուն տխուր մեղեդին…
իր մինակութեան ցաւէն փղձկած ու կծկուելէն
կ’արձակէ ճիչեր դառն ու դեղին…
կ’որոնէ աւիշ հողին լռութեան երկունքէն ծնած.
շշունչի ծուէն լուռ ծմակներու ստուերին թառած…:
69
Անտառէն հեռու, բայց ոչ շատ հեռու ուրիշ ծառերէ
70
Երգի պէս անյայտ կը յառնէ յանկարծ իմ ծառս անտուն…
կ’երազէ միայն իր ճղակոտոր արմատին լոյսը…
ու իր բազմաճիւղ կեղեւներուն մէջ կարօտ հաւաքած,
ծուատուած մարմնին ծակտիկներէն արեան պէս կաթող
իր սաղարթներուն զով շրթունքներէն
անշշուկ աղերս կ’իջնէ դէպի հող…:
Ու կը բարձրանայ դէպի լեռ ելլող կածանի եզրին…
միւս եզերքներուն վայրի ծաղիկներ տրտմօրէն կ’աճին…
կը ծածկեն ծառիս մարմինը թեքած, շնչահատ կ’ընեն,
բայց լեռը կարծես Աստուծոյ Ոգին կը հսկէ հեռուէն…
կ’առաքէ Լոյսը… լոյսին մէջ ցաւը իր տառապանքին…
սուրբ լեռն ու ծառը նոյն երազներով կ’ապրին տարագիր…:
Անտառէն հեռու, բայց ոչ շատ հեռու ուրիշ ծառերէ
ծառս իմ անտուն ու յոգնաթափիծ չի սպասեր աշնան, կարծես աշուն է,
ամէն օր արդէն: Տերեւներ դեղին կ’իյնան անշշուկ ու կը սփռուին…
բայց ամէն գարնան ապրելու տենչով, ապրիլի ջուրով
կ’աճի վերայայտ… ու երազելով կ’որոնէ անվերջ
իր ջրառատ ու զով եզերքներուն հողը անգորով…:
Անտառէն հեռու, բայց ոչ շատ հեռու ուրիշ ծառերէ
իմ ծառս անտուն
իր վերադարձի մեծ կարօտներով դեռ պիտի ճչայ…:
- Ապրիլ, 1983
71
ՈՉԻՆՉԻ ԴՈՂՈՎ…
Ոչնչանալու վախէն աւելի Ոչինչի դողով կծկուեր եմ ես…
մահուան գոյները… կամ պատերազմին անլոյս խաղերը մոռցեր եմ կարծես…
միա՛յն ոչինչի ստուերը անյայտ որպէս ուրուական զիս կը հալածէ
կամ անյոյս կանչով կ’ողողէ բոլոր ծակտիքներս իմ՝ կազմուած վախէ…..
Ոչինչի դողով… Ոչինչը կ’ատեմ…
որ զիս կը պարպէ մարդու հոգեղէն իմ էութենէս…
կ’ըլլամ իրի պէս
էակ մը չնչին…:
Ոչինչի դողով… էակ մը չնչին, կ’ապրիմ խոտի պէս…
կ’ըլլամ ոտնատակ բոյսերու նման…
ո՛չ մէկ ճիչ կ’ելլէ փլատակ ներսէս
ամէն ինչ կարծես Ոչինչի դողով անշունչ կը հեւայ…:
Ոչինչի դողով… ներսս կը քաշուիմ ու կը կծկուիմ,
ոչինչէն փախչող բոլոր ձայներս, դողերս անջինջ
կը խուժեն ներսէս դէպի դուրս յանկարծ՝ մէջս խախտելով կեանքի ամէն
հիմ…:
ու խաթարելով ապրող սէրս ջինջ
կը պահեն ոչի՛նչ…:
72
Ոչինչի դողով… ու կծկումներով որքա՜ն փոքրացեր
ու խեղճացեր եմ՝ որ մարդերու մէջ, մարդ զիս չի տեսներ…
շուրջս կը փչէ անտարբերութեան հով մը մահաբեր
ոչնչանալու վախէն աւելի Ոչինչի սոսկումն է կարծես պատեր…:
Ոչինչի դողով… ոչնչացող ճիչ դարձեր եմ արդէն,
որ հոգեվարքի նուաղկոտ կանչով կ’ատէ ատելի
պատերազմը, որ անհաւատօրէն փճացնելու տեղ՝ փուճ ոչինչի
կը վերածէ զիս, կամ կը դարձնէ էակ մը չնչին արհամարհելի՛….
Կը վախնամ արդէն
որ
ոչինչի վախով պիտ’ ոչնչանամ…:
17, Oqnuunnu, 1981
73
ՆԱՒԸ…
Խեղդուածներու՝
արեան ծովերու անյայտ ընդերքէն նաւը դուրս ելաւ…
կանգնեցաւ ծովուն բացերը անեզր ու չշարժեցաւ…
աստղերը կարծես անյայտութեան լուռ ծովերուն վերեւ
աչքերն ըլլային մեռեալներու կամ ողջ ոգիներու,
որոնք անձկութեամբ կը թարթափէին ու լոյսի անհեւ
ցոլանք ցրուելով կ’անհետանային երկինքէն հեռու…:
Հեռահայեաց շող մը լոյսի կ’անցնէր մութ հորիզոնէն…
կը հասնէր նաւուն, որ քաոսին մէջ կ’երերար շուար
զերթ խարխափող լաստ…: Եւ ծանրաթախիծ կը շարժէր մէկէն…:
Լոյսն հեռուներէն քանի կը բացուէր նաւը դէպի Այգ
կը յառաջանար…
ծովուն մերթ կարմիր ու մերթ սպիտակ ալեկոծումին
կատաղութենէն
կ’աղօտէր լոյսը. նաւը կը մնար մութին մէջ խարխափ…
Ինչքա՜ն անձրեւ, հողմ ու փոթորիկ կը սասանէին
նաւը, որ ծովուն բացերէն կ’ըղձար ելլել դէպի ափ…:
74
Ու նաւուն վրայ ո՛չ մէկ առաւօտ կը ծփար լոյսով…
խաւարի մէգերն ծովուն մութին հետ ընդարձակուելով
ծածկեցին նաւը, որ յառաջացաւ մշուշին մէջէն
անյայտ ուղիով… դէպի ջուրերու անծանօթ վայրեր…
անթափանցելի մշուշներու մէջ խարակներ իր դէմ
ցցուեցան յանկարծ ու բացին ճեղքեր առագաստն ի վեր…:
Քարաժայռն իր դէմ՝ խորտակուելու ու ընկղմելու ճիչ
բարձրացաւ մէջէն… ու լոյսը հեռուէն երեւցաւ նորէն
փրկեց խրուտէ… բայց ինք չհասաւ երբե՛ք իր լոյսին
նոր ու արարիչ…
Փորձեց վերադարձ անծանօթ ծովու մոլոր ուղիէն
ու ընդվայրացած ծովէ-ծով օտար շրջեցաւ թափառ…
խութէ- խութ անոք բախելով ստէպ հեռացաւ լոյսէն…
Երբ հասակէն վեր ալիքներ հսկայ խուցերն խուժեցին
խուճապ ու շփոթ պատեցին նաւը, որ տագնապահար
կորսնցուց ուղին… ու փնտռեց փարոս ծովուն բացերէն…
ինչքա՜ն փարոսներ այլ ծովափներէ մերժեցին լոյս տալ…
կորսուած, շըւար ու ամէն օտար նաւահանգիստէ
մերժուած նաւը դեռ տատանելով ելլել կ’երազէ
փրկարար ափը իր այգաբացին, իր վերապրումին,
իր գոյատեւման…:
Մինչ հորիզոնէն ովկիանոսներու
ծովը շիրմաստան ու նաւը մինակ, ծովուն վրայ լուռ
ծփացող դագաղ կ’երեւայ տխուր…։
28, Oqnuunnu, 1988
75
ԻՄ ԱՇԽԱՐՀՍ… ՈՒ ՁԵՐ ԱՇԽԱՐՀԸ…
Ճանաչումէն ետք…
հրաժեշտ տուի ես ձեր աշխարհի շփոթ աղմուկին…
ու ծովածաւալ հորիզոններուն…
ու վերադարձայ որոնման կարօտ
ես իմ անծանօթ
փոքր աշխարհին… թախծոտ կապոյտին… մխացող Ծուխին…:
Չեմ գիտեր ինչպէս այսքան կապոյտ ու երազներ կանաչ
ծուարեր են հոն՝ մէջն իմ աշխարհիս լո՛յս մթնաձորին…:
Ծառերն երջանիկ կ’երազեն անվերջ մաքուր երկինքներ…
կապուտներն անդո՜րը կը ծխան երազ ու հոն կը ծորին
բիւրեղ կաթիլներ…
երազներն անամպ կ’արարեն լոյսի, բարութեան անձրեւ…,
որ կը սփռուի անսէր աչքերուն մէջ անցորդներուն…:
Ճակատումէն ետք…
ես ձեր աշխարհի միապաղաղ, դալուկ աշնան դէմ…
ծերացած ձմրան ձանձրոյթներուն դէմ…
խաւարող լոյսին տխրութիւններուն՝
երջանիկ թուող պատրանքներուն դէմ,
անտեսիլք վաղուան… աներազ օրուան փրփուրներուն դէմ՝
հրաժեշտ տուի ես ձեր աշխարհի պատիր բաներուն,
կուռքերուն փխրուն…:
76
Ծառերն երջանիկ կ’երազեն անվերջ մաքուր երկինքներ
77
Քաշուեցայ հեռու ես իմ աշխարհիս Ոլորտը կանաչ…
ուրկէ տեսայ որ՝ աշխարհը ամբողջ է’ կանաչ անտառ…
մարդը մտերիմ՝ Սէրը որպէս լոյս ու բարիք սփռող կարօտակէզ ծառ…
գարունը կարծես ինքնիշխան երկինք, որ կը ծաւալի
ինձմէ ներս արդէն՝ որպէս աշխարհիս մարմնացեալ երազ…:
Պառակտումէն ետք…
ես ձեր աշխարհէն… իմ աշխարհիս լուռ ու հեռագագաթ երկինքը գտայ…
ուր կապոյտը ջինջ խաղաղութեան իր մեղեդին կը խայտայ.
գտայ երկնային Լիճերս հանդարտ՝ մաքուր ու յստակ իրենց ջուրերով
պայծառ յատակով….
ուր կը համբուրուին Ջուր ու Խորութիւն…:
Գտայ Ծովերս… դաշտի պէս անհուն,
ուր անեզրութեան ձայներ կը ճչան ճերմակ սարսուռով…
որոնց յատակէն յառնող մենածուփ առասպելներս
անսահման ու խոր լռութիւններու Քերթուածը կ’երկնեն, Գիրքը կ’արարեն:
Անջատումէն ետք…
ես ձեր աշխարհէն՝… խաթարող ամպի գո՛րշ ծուէններէն…
ես զիս փնտռեցի… իմ ինքնութեանս արմատներուն մէջ…
իր Առանձնութեան քարանձաւին մէջ…:
Ամէն բաժանում խզում չէ անդարձ ու մռայլադե՜մ…
իմ բաժանումս վերադարձ մըն է դէպի ակունքը
Սիրոյ յորդումին, Լոյսի երկունքին, Մարդու Արեւին…:
Անջատումէն ետք ես ձեր աշխարհէն
ես իմ աշխարհս կազմեցի նորէն.
78
մարդերէն հեռո՜ւ… մարդերու ցաւով…
ամբոխէն հեռո՜ւ… ամբոխին տենչով…
ծովերէն հեռո՜ւ… ծովու կարօտով…
ծառերէն հեռո՜ւ… ծառին ճիչերով…
հողերէն հեռո՜ւ… հողին կանչերով…
լոյսերէն հեռո՜ւ… լոյսին ծարաւով…
աղմուկէն հեռո՜ւ… երգին լռութեամբ, երգին կշռոյթով…
ու կեանքէն հեռո՜ւ… նոր կեանքի սիրով ու Տեսիլքներով…:
Կ’անջատուիմ յաճախ ես ձեր աշխարհէն,
որ իմ աշխարհիս մթնաձորին մէջ
քիչ մը Մարդ դառնամ
երկար մարդ մնամ…:
26, Մարտ, 1981
79
ՀԱՅՐԱԿԱՆ
Երբ Դեկտեմբերի
ցուրտին առաջին դողը սարսռաց,
մանչս պատուիրեց գրել ողջոյնի
գիր մը սրտաբաց,
Անոր՝ որ ամբողջ աշխարհին արդար Պապան է կոչուած,
որ ամէն տարի ձիւնով մաքրուած, ու սպիտակա՜ծ
հոգիով մը ջինջ,
կոչումով ի՜նչ-ի՜նչ
կ’իջնէ բարձունքէն,
մտնելու համար կեանքի անտեսուած խորշերը յետին…
բարձրացնելու սաստիկ հովերէն խոնարհած, կքած ծառեր տրտմագին…:
— Կը գրես, — ըսաւ-, այդքան գիշերներ մնալով անքուն,
միա՛յն գիշեր մը նուիրէ ինծի, տո՛ւր ինծի համար…
ու գրէ Կաղանդ Պապային արդար
իմ Ամանորեան իղձս հոգեղէն, որ իղձն է նաեւ
փոքր եղբօրս, — նորաբաց արեւ:
— Գրէ’, այս տարի, չենք ցանկար նուէր
ինչ որ անցեալի դէպ’ իրեն ուղղուած մի՜ակ աղօթքն էր…:
— Չենք ցանկար հիմա ոչ կառք եղնիկով,
ոսկեայ եղջիւրով: Ո՛չ պարապ փուչիկ: Ո՛չ գնդակ կլոր։ Կամ բան փճացող…:
Մեր փոխարէնը, թող քեզի համար
բերէ այս տարի ժամանակակից նուէր մը յարմար…
ու քեզի տրուած անսովոր ու նոր, ո՛չ աւանդական, ո՛չ արուեստական
80
նուէրին մէջէն մանուկ եղբայրս, ես՝ ծաղկող լոյսդ նոր գարնան, վաղուան
պիտի հրճուինք, ու հաճոյանանք աշխարհի բոլոր թանկագին ու նոր
նուէրներէն շա՜տ աւելի ու խո՛ր…:
—Թող բերէ պապա՛, Ժամանակդ սուղ մեզի ընծայող ժամացոյց մը որ՝
կրէ իր վրան, արագ սուրացող ու սաւառնաթեւ մեր ժամանակին
սլաքը անկա՛նգ… ու աթոմական…:
ԿԱՆԳ ԱՌՆԷ ՄԻԱ՜ՅՆ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ…:
— Թող բերէ պապա ժամանակդ սուղ, նուէր թանկագին,
որ ամէն գիշեր մեզ դէմդ առած ու կարօտագին
հեքիաթներ պատմես,
հեքիաթներ շինես
մեր կառուցելիք աշխարհի մասին…
ճամբորդութիւնները դէպի Լուսին
ու մեր երազի մոլորակներէն
հող վերադարձող աստղանաւերու առասպելները թող հիւսեն, պատմեն
հեքիաթներդ քու՝ ժամանակակից:
—Ըսէ՛ թող բերէ ժամանակդ սուղ, նուէր թանկագին…,
որ տրուիս մեզի… ու ամբողջովի՛ն,
չկայ վե՜րջ, սահման՝ դուրսի՜ աշխարհին
ամէն գործ… նաեւ պարտականութի՜ւն, որ ունին հոտը բանին արտաքին,
կը կրկնուին միշտ ու ամէն տարի….
բայց չեն կրկնուիր տարիները մեր, տարիքը ոսկի՛
երազ մանկութեան…:
Զոհէ մանկութեան մեր տարիներուն ժամանակդ սո՛ւղ,
ոչ մէկ թանկագին նուէր անկէ վեր կը թուի մեզի…։
24, Դեկտեմբեր, 1979
81
ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՄ… ԵՐԿԻՐ ԿԸ ՄՆԱՄ…
Կը վերադառնամ…
Եթէ աստղանաւ մը մարդիկն ու զիս ուսերուն վրայ
սրարշաւ թռիչքով, ամեհի սոյլով տանի մոլորակ: Նո՛ր ու անծանօ՛թ….
Եթէ հոն գտնեմ մարդիկ ինծի պէս…, կամ ինձմէ տարբեր…:
Աւելի լաւ կամ գեղեցիկ աշխարհ: Հետաքրքրակա՜ն…:
Եթէ աւելի մաքուր ու վսեմ օդ ու կեանք շնչեմ…
եդեմ մը շինեմ ես ինծի համար: Բայց Հո՛ղ չգտնեմ: Դարձեալ, անվարա՛ն
երկրի ու հողի իմ կարօտախտիս չդիմանալով ու չտոկալով
մշտահոս սէրս ճիչս պիտ’ պոռթկայ
ցաւս ճիչ դառնայ…,
-Ես հոն չեմ մնար… կը վերադառնամ… երկիր կը մնամ…
«Հող էի ու հող կը դառնամ կրկին»…:
Դարձդ բարի մարդու իմ հեւք,
հողի կա՜նչ, կարօտ…:
Առաջին կայան, վերջին հանգրուան
իմ թռիչքներուս: Ծովերուս կանաչ յոյզը կ’արթննայ
խոյանքով մը մեծ: Ես դեռ կը մեծնամ իմ հողիս վրայ…
կ’աճիմ երազով: Ու ծնած օրս կ’ըլլայ փառատօ՛ն…
մարդը չեմ տեսներ այդքան վերերէն փոքրացած: Մա՛նր…:
82
Եթէ նուաճեն նոր մոլորակներ։ Անտիպ, աննման:
Նոր ու անծանօթ ու խորհրդաւոր վայրերու խայծէն
մարդիկ գինովցած ու հրապուրուած հեռուի կարօտէն
նոր հայրենիքներ փնտռելու համար գաղթեն մոլորակ՝
իմ հայրենիքս, հողոտ երկիրս, աւանդատունս չեմ լքեր երբեք:
Չեմ արտագաղթեր։ Կը վերադառնամ… երկիր կը մնամ:
-Իմ հայրենիքս հողն է բարգաւաճ
հողէն բարձրացած ծառերս ծաղկած.
կը նուաղիմ ես առանց հողի ու առանց ծառի…
մահը կը սպառնայ երբ չլսեմ ես հողին մեղեդին…
երբ չկարկաչեմ ու չվարարիմ հողին անուրջով
ջերմութեամբ բարի…
ու սերմնացանին պէս չհրճուիմ,
հողին սերմանուած ծիլերուն աճով, ծաղկաբացներով
հողին ընդերքէն աղբիւրներու պէս ցայտող բարիքով…
չկերտեմ սէրս, բնութեան երգս հողին շաղախով…:
Եթէ նոյնիսկ ես բարձրանամ լուսին, աստղեր անծանօթ,
աչքերս միայն հող պիտ’ որոնեն: Բայց լոյսին մէջ հող,
ու հողին մէջ լոյս, ծառ չգտնելով պիտ’ վերադառնամ հին գեղեցկութեան
որ գլխուս վերեւ կապոյտ ունենամ, միշտ փայլին աստղեր
բանաստեղծներու երգած լուսինը գիշերը խայտաց,
լուսին ու աստղեր չմարին երբեք։ Մնան մարդկութեան
կերոնը հեռու…։
83
-Ես կ’իջնեմ երկիր կը վերադառնամ տունս հողեղէն,
ծոցը դաշտերում՝ ուր ծաղկեցնեմ կենսունակութեան արմատներս հին
ծիլ ու ծաղիկներ, ծիածան ու ծառ
բնութեան կանաչ կանթեղները վառ…
Առանց կանաչի կեանքս կը դեղնի,
կենսաղբիւրներս ոտքերուս տակէն կ’երթան, կը սահին…:
Այսքան ծով տեսած ու այսքան ծովու կապոյտներ ըմպած
աչքերս, սիրտս՝ ու՞ր ձգեմ երթամ: Ուրի՞շ մոլորակ…:
Ուրիշ տեղ ծով կա՞յ…
կամ հարստութիւն՝ ծովի ու հողի…
ծովի ու հողի գեղեցկութիւնը դարերուն խորէն
սահմռկեցուցիչ ճիչը կը պոռթկայ, մեռնող բազէին վայնասուններով,
-այսքան հարուստ հող, այսքան գեղեցիկ տեսիլք ու կոթող
ու այսքան հողի բանաստեղծութիւն
չեմ ձգեր երթար։ Կամ նոյնիս՛կ երթամ: Կը վերադառնամ
ես գիրկը հողին,
«հող էի ու հող կը դառնամ կրկին»
կը մնամ երկիր…։
1980, Սեպտեմբեր,
84
ԲԵԿՈՐ…
Վահրամ Մավեանին
Աւլուած հողէն,
ես փշրուած ապակիի բեկոր մը լո՛կ…,
որ աւազի հատիկներուն մեծութեամբը՝ փոքր ու անշէն
սփռուած եմ աշխարհի ցուրտ եզերքներուն
աւազներուն միջեւ փխրուն…:
Ու ծովերուն, ովկիաններուն բերած հովէն, քամիներէն
կը դողդղամ տերեւի պէս…
կը տարտղնիմ շիւղերու պէս…
կ’այլափոխուիմ ծովերու պէս…
բայց չեմ ուզեր կորսուիլ ես.
ալիքներուն բերած աղէն ես կ’ընկլուզուիմ, բայց չեմ լուծուիր
ու չեմ ձուլուի…:
Աւլուած հողէս
ես փշրուած ապակիի բեկոր որպէս,
ելեր հիմա կը փնտռեմ տարբեր աշխարհ՝ ինձմէ ինկած, ինձմէ հեռո՜ւ
բեկորներուս միւս փշուրներն, որ իրարու
քով բերելով, միանալով ամբողջութիւն կազմեմ կրկին,
որ կորսուած հողերուս պէս, որպէս մղեղ անոնք նորէ՛ն չկորսուին,
յաւէտ անհետ չհեռանան ամբողջովին
արմատներուն աւիշներէն…,
որպէս բեկոր չանէանան
շխարհասփիւռ լոյսերու մէջ,
եւ կամ անոնց ողողումէն
չխեղդուին,
մինչեւ գտնեմ ես կորուսեալ
արմատներուս կէսը իր մէջ, կամ աւելին բովանդակող Հողս՝ ուր ալ
աճեցնեմ աշխարհի մէջ չպարփակուող, դեռ չհանգչող ծառարմատս…:
22, Յունիս, 1981
85
Լուսանկարը՝ Պ. ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
Աճեցնեմ աշխարհի մէջ չպարփակուող, դեռ չհանգչող ծառարմատս …
ԻՄ ԾԱՌՍ…
–Բ–
Ծառ մը ըլլար ա՛ն կամ խաղաղութեան բոյն մը ծառաստուեր…
աշխարհէն պոկուած բուռ մը հողիս մէջ բարձրանա՜ր, աճէ՜ր…
երբ գիշերները ամպէն խաւարած՝ խլուրդներու պէս
մութը կրծէին… ծառս ըլլար լո՛յս ու լուսին որպէս
ծաւալէր ցնծուն, տարածուէր աննինջ մինչեւ բիլ եթեր…
գիշերուան բոլոր խորշերը մթին մտնէր աներեր,
ու փոսերը ամէն լոյսով լեցնէր.
երբ գիշերը գար, իր արմատներուն թաց խոռոչներէն
լոյսը դուրս ելլէր…:
Լոյսը գար որպէս խաղաղութեան ու սիրոյ սուրբ թռչուն…
թառէր ճիւղերուս ու հանգչէր ընդմիշտ տերեւիս սրսփուն
կեղեւներուն մէջ… իր ճիչը որպէս խաղաղութեան կանչ
ձուլուէր արեանս շոգ շշունչներուն ու ինձմէ դուրս գար
որպէս մեղմութեան մեղեդի կանաչ…
սիրոյ թրթիռէն տաք է ու վարար ծառիս ճիւղերուն
ծաղկած ծաղիկը բազմաթերթ փերթով, որ կը բաշխուի
որպէս սիրոյ հաց բոլոր սիրազո՛ւրկ, հէք անցորդներուն…:
Ծառս աննշմար` կ’ապրի առանձին իմ հողիս վրայ…
կը տենչայ հողիս սիրովը շաղուիլ, սիրող հող բուրել…
ծաղկիլ անծանօթ ու զարմանալի սերմէն կեանք առած,
չիմանալ երբեք թէ աներկրային հովերն հեռակայ…
ծովէն կու գան թէ աստղերու լոյսէն փոշին կ’իջնէ վար….
հողէն անջատուած կը թռչի յաճախ լեռներու վրայ,
եթերին ցօղով կ’երազէ որպէս աներկրային ծառ…
կապոյտին շուրթէն ըմպելով շողը կը վերադառնայ
ճիւղերուն հանգչած աղաւնիներու զարմ մը զարմացած,
որ սիրոյ ճիչէն բեկորներ բռնած ծառս կը մաքրեն…:
Կը մաքրեն անվերջ բայց հողը առատ չի հատնիր երբե՛ք…
հողոտ կը մնան հողէն դուրս ելած բջիջներն ամէն…
հողէն կը ծնին սիրոյ ամէն հունտ՝ խաղաղութեան տունկ…
հողին փոշիէն լոյսի կաթիլներ դէպի վեր կ’ելլեն,
երկինքը հողով կը մաքրեն անջուր ու որպէս անձրեւ
հողին պէս կ’իջնեն ծառիս անմշուշ, մերկ սաղարթներուն…
կը սրսփան թէեւ ծառիս քով ծաղկած ծիլերն դողդոջուն…
բայց կը պաղատին, որ ծառս մնայ սիրոյ տաքուկ տուն…
կամ խաղաղութեան բոյն մը ծառաստուեր,
որ մերթ երկրային, մերթ աներկրային տեղաշարժերով
զիս զարմացնէ…:
21, Փետրուար, 1984
ՅՈՅՍԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ…
Յոյսիս կարմիր տերեւները ծակծկուեցան երբ հովերէն…
արիւնեցան իրենց փափուկ սրտին մէջէն,
արեան տխուր մոխիրներուն գորշութիւնը չմերժեցի…
տերեւներուս սիրոյ կանաչ հողին վրայ
հովածաղիկ հասունցուցի…:
Յոյսիս ծառը երբ կքեցաւ դաժան բուքէն անժամանակ…
տապալելու կոծով լեցուն կծկուեցան
երբ պարտէզիս ծառերն համակ…
ես յոյսերու արմատներով դեռ անսասան
նոր պարտէզներ ծաղկեցուցի…:
Յոյսիս աստղը երբ շիջեցաւ անվարագոյր խաւարներէն…
մարելու մօտ կայծոռիկներ արձակեցին մութի խորքէն…
երբ հոգիիս լոյսերն ամէն պահ մը միայն առկայծեցին
ես հաւատքիս ջահով անդին
աստուածաբոյլեր շողացուցի…
Յոյսիս ծովը ովկիանի պէս փոթորկեցաւ երբ յատակէն…
խռովեցան երազներուս ակօսներէն հոսող ջուրեր…
ես անտագնապ անցայ ամէն անյոյս վիհէ
ու ծովերուս ջուրով անլի
խաղաղութեան աղաւնիներ աճեցուցի…:
Ես յոյսերուս արմատներով դեռ անսասան
Յոյսիս երկինքն՝ երբ ամպերու հոծ մութերով խաւարեցաւ…
ի՛մ խաւարէս ծնաւ ամէն յոյսի նոր աստղ…
մեկնող յոյսին բեկորներով սակայն անշէջ
ես իմ անհուն հորիզոնիս դեռ ծփացող կապոյտին մէջ
վերադարձող նոր յոյսերու ծիածաններ կամարեցի…:
5, Յունիս, 1981
ԵՍ ԱՌԱՒՕՏՆ ԵՄ…
Ես առաւօտն եմ…
իմ երկունքներուս ցաւը փրկարար
մութին մէջ լուսեղ կրելով երկար…
կեանքի հրաշքին բացուող ծիլին պէս
արիւնող ցաւով եկայ աշխարհ ես…
որպէս առաւօտ, կամ Լոյսի զաւակ
խաւարէն ծնած աստղ մը՝ Լուսնթագ…։
-Ո՞վ կ’ըսէ միա՛յն ամէն նենգութիւն
ու դաւ կը ծնին կամ կը դարբնուին
մութին մէջ անտես… սեւին մէջ մութին…
իր ճերմակ խորքով խաւարը անհուն
լոյսի ստեղծիչ, լոյսի արարիչ
է՛ աստուծոյ պէս… եւ կամ աստղերո՛ւն…:
Ես առաւօտն եմ…
Ամէն օր ծագող լոյսերուն զուարթ
տօնը անանուն… յաղթանակն անզա՛րդ…:
-Ո՞վ կ’ըսէ միա՛յն ծննդեան շքեղ
եւ կամ Յարութեան տօ՛նն է փառայեղ…:
Իմ ամենօրեայ հրաշք ծնունդիս
ու ամենազօր յառնող հրաշքիս
շունչն է շողացող, երգն տէրունական,
պատերը մութին, խաւարը լերան
ամէն օր ճեղքող ու լոյս արարող
արեգակն արդար ու երջանկաշո՛ղ…:
Գիշերուան ահեղ՝ անքո՛ւն տագնապին
անդոհանքներուն մղձաւանջային
վերջ կու տայ ցօղը՝ առտուան լոյսին…
Ես առաւօտն եմ…
Լոյսովս կ’աւլեմ փողոցները լուռ…
գիշերէն կաթած ամէն մրաջուր
ձուլուելով շաղիս կը դառնայ մաքո՛ւր…:
Մութին հետ խաղցող ամէն խորշ լուսատ
կ’ըլլայ իմ մէջս աղբիւր լուսառատ…
եւ լուսաջուրով կը մաքրէ ուղին
յամեցող մութին, խարխափո՛ղ լոյսին…
խոյս կու տայ ինձմէ գիշերուան ուրուն…:
Իմ պայքարներուս տենդով հերարձակ
գիշերներու սեւ վարագոյրներուն
ետին թաքնուած Չարին դէմ անայգ
կը քողազերծեմ արեւագալի
խորհուրդը մեծ ու անիմանալի…:
Ես առաւօտն եմ…
Արեւուն սրտէն հոսող բազմերանգ
արիւնին լոյսը… լոյսին պչրանքը,
որ կը ծաւալի՜ ծփանք առ ծփանք
բարի լոյսերով բարութեան տաքը
ճառագող օրուան մէջն ակօսներուն
որպէս սիրոյ ջերմ հունտ սերմանելու…
որ օրհնութեան պէս՝ ու անհրաւէր
տեղայ ամէն տեղ ու լուսազարդէ
այգուն կարօտած հոգին մթաստուեր…:
Ես առաւօտն եմ, որ դեռ ոչինչէ
չաղարտած լոյսս կը շփեմ անշշուկ
այգուն հետ կաթող հոգիի շիթին
որ կենսագործեմ երկու լոյսերու
հանդիպման պահը… հրաշքն անմեկին…:
8, Յունիս, 1985
ԼԵՌՆԵՐՈՒ ԱՌԱՍՊԵԼԸ…
Բարձունքէ մ’անտես
հրաշքին թեւը սրբազան դողով արարեր էր լուռ
լեռնաշխարհի մը լուրթ տարածութեան լոյս ոլորտներուն
ջուրով–երազով, լոյսով-հեքիաթով, անհունով լեցուն
քարանձաւ մը խոր…։
Կապոյտին ծուխով ծփացող լիճի խայտանք մը չէր ան՝
լո՛կ կախարդութեան…
լեռներու շունչով ու ոգիներու խորհուրդով ապրող
տակաւին միա՜յն
ծով մը չէր մեծղի…
ո՛չ ալ երկնքին բացած գեղաչեայ ակը լոկ ծառի…
այլ ձորէ-կիրճ է փախչելով անհաշտ՝ երկինք բարձրացած
ջուրերու կապոյտ արարչութիւնն էր…
ու լայնատարած ջրասահանքներ
բարձունքին վրայ,
կամ անմեկնելի լերան առասպել…:
Ջուրին ինքնագոյ խորհուրդէն արբշիռ
թափառեր էր հոն ջրապաշտ ոգին՝ հողին ու քարին…
ու ջրափոսեր լիճի ընդերքին
առլցուեր էին քարին մաշումով ջուր դարձած շիթով,
ժայռաբեկորներ խեղդուեր էին ջուրի յատակին,
որոնց երկունքէն ատենօք ծներ՝ ջուրի պէս հոսող
ջինջ ջրաքարեր…:
ՋՈՒՐԸ ԱՐԳԱՆԴԷՆ Կ‘ԱՐԱՐՉԱԳՈՐԾԷՐ…:
Լեռներու հսկայ առասպելը հին
լո՛կ կը կարենար
սարի կատարին
մէկտեղել այսքան անուշ ջուր վճիտ
գոյութեան կոչել ջրբուխ հողի սիրտ…:
Ու ջրատոչոր հողը կը խմէր ներքին ծարաւով
ջուրի երկնահաս շատրուաններէն,
բայց չէր յագենար ջուրին քաղցրութեամբ…
վայրի այլ բարի հողերը ունին պաշտամունք ջուրի
կարօտ՝ արթնացման…
ժայռերն ապստամբ
ունին ցանկութիւն՝ հոսի՛լ ջրվէժի
շառաջով, կիրքով…:
Ու երկնքին մօտ, երկինքին գոյնով անոյշ ու կապոյտ
Ջուրերը լիճին՝ հայ լեռնաշխարհի՝ իրենց ծալքերուն
հաւաքած լոյսի ու խորքէն յառնած ճիչ առասպելի
կը հերկեն դաշտը լուսաւոր ցանքի…
կը բանան բեղո՛ւն, երեւակայող աչքը անհունին…
կը լուսաւորեն հոգին՝ արեւին ջինջ պայծառութեամբ
ու այգաբացի մթնշաղներուն տեսիլքով անափ…։
Լիճի ընդերքէն յառնող տեսիլքներ կը ննջեն ափին
կ’երազեն բռնող, տեսանող հոգին…:
Լիճին մէջ խաղաղ
մինչ հեռուն կղզին դեռ կը մրափէր մենաձայն դողով
ու առանձնութեան տխուր սարսուռով կը տքա՜ր դարեր
ամայաբնակ ո՛չ մէկ ոգի կամ աստուած կ’աղօթէր…
ամայութեան մութ ներշնչումներով
ջուրին ու ձիւնին, լերան խորհուրդին…
լոկ կոհակներու պարտուած կանչը որպէս խռովք ու յոյզ
կ’անցնէր գերաճած վայրի սէզերու հոծութեան մէջէն,
յայտնուեցաւ հոն արարիչ ձեռքը՝ տեսանող Ոգին
անաշխարհային…:
Կղզին ու լիճը ապրեցան մէկէն
արարման հզօր ցաւը երկունքի…
դարերու կոփած, ոգիով թրծած քարին քանդակով
ու այգաբացի լոյսին շաղախով
ոգեղէն մարմին ու լուսեղէն ոճ առին քարերն ամէն,
երբ ծաղկեցաւ հոն Սուրբ Կարապետի ու Առաքելոց
վանքերն հոյաշէն…
Լոյսի հեղեղ մը ողողեց կղզին…
Աստուծոյ Ոգին, անհունին ստուերն երեւցան մութին…
Լոյսը աղօթեց մութին մէջ այնտեղ
ստուերն սարսռաց լոյսին շառայլէն…
ու արտասուեցին անոնք միատեղ… երկիւղածութեամբ,
իրենց երկնումի արտասուքներէն
ջուրերը լիճին բարձրացան մէկէ՛ն…
Աստուծոյ հետ լուռ, ու Անհունին հետ մնալով մինակ…
նախշեցին երկար խաչքարի քանդակ…:
Ներքին խռովքէն ու անապահով ցուրտ սարսուռներէն
գիշերները երբ կ’ալեկոծէին երկիւղածօրէն
խաչքարին առջեւ խոկումի խարոյկ, հաւատքի ճրագ
վառեցին անոնք դարե՜ր շարունակ…
իրենց աղօթքի ծուէնները տաք
երկի՞նք բարձրացան, թէ անհետացան…
լիճի յատակին ջրախեղդ եղան…
բայց հաւատացին… ու իրենց անշէջ հաւատքին լոյսով
վառեցան մէկ-մէկ վանքի խորշերուն ծուարած մոմեր…,
որոնց արձակած շողարձակումէն լոյս կը սփռուէր
լիճի ջուրերուն… ու մթնալոյսի միստիք խորհուրդէն
կը դողդոջէին աստղերն երկինքէն…
ու կաթի՜լ-կաթի՜լ շիթերն աղօթքի ներթափանցեցին
խաչքարին փոքրիկ հիւսկէններէն ներս…
ու լեցուցին զայն անշօշափելի, երկնային շունչով…
մնացին այնտեղ որպէս Ոգիի դիմադրող դարբին
գոյութեան վահան…
գուցէ փորձութեան ճգնաժամերէն
պահելով ազգ մը դարձան սրբօրէն
վկան պատմութեան…:
Կղզին ու վանքը լեցուեցան համակ, շնչաւորուեցան
փառաբանութեամբ մշտագոյ լոյսին…
խունկով խորհուրդին…
ծուխով աղօթքին…
գոլով հաւատքին…
պայքարով ներքին…
կիրքերով մարմնին…
սէրերով յոյզին…
շունչով մարդկային….։
Մարդկային շունչով աստուածներ այդտեղ տքնեցան անքուն…
ու աղօթքներէն իրենց մենութեան՝ լիճի ջուրերուն
միացան թաքուն նոր ակեր ջրբուխ, որ խառնուելով
դէպի լիճ հոսող առուին ու գետին, ջուրերուն խռով…
յօրինեցին հոն համանուագը հողէ երկինքով
ջուրի ու լոյսի
կապոյտ հեքիաթի
անհուն երազի
չքնաղ տեսիլքի…
Մինչ հողը հեռուն լոյսի կարօտէն հիւծելով տրտում
աչքերը յառած ջուրի բարձունքին կ’աղօթէր անվերջ
ու լոյս կ’որոնէր… կամ լեռնաշխարհ մը լոյսով ողողուն,
որ լոյսով աճին ծիլերն անցեալին… բողբոջներն յառնեն
յոյսի արտերէն… ծաղկին դաշտերուն ծառերը դարուն…:
Ապրելու համար՝
որպէս արարիչ լոյսի ծնունդը կը սպասուէր հիմա…
յաղթելու համար՝
մահը արարող խաւարը պէտք է ջնջուէր անխնայ…
երկնելու համար՝
լոյսին հրաշքը դառնար արարիչ մը ամենազօր…
Ու երբ բարձունքէն իջան գահավէժ ջուրերը ահեղ
հրաշքին պէս հին առասպելներու ջուրը ծնաւ լոյս…:
Ու ամէնուրեք որպէս զօրութեան անսպառ աղբիւր
լոյսը արարեց ու երկաթազէն աստուածներ երկնեց…
լոյսին գրոհէն ծիլերը մէկէն երկինք սլացան…
աստղերու լոյսէն խմելով անյագ ետ իջան երկիր.
լոյսին շառաջէն քարերն հալեցան ու փոշի դարձան
իրենց փոշիի լուսեղէն հունտէն նոր կեանքեր ծլան…
ԼՈՅՍՆ ԱՄԵՆԱԶՕՐ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՀՈՂԸ ՀՐԱՇԱՓՈԽԵՑ…:
Լոյսը կը քամէր հիւթը ջուրերուն… մինչ ջուրը լիճին
լոյս արարելով կ’իջնէր անընդհատ ու կը նուազէր…
կը փախչէր կարծես լոյսէն հալածուող ջուրերու ոգին…
Ամայաբնակ կղզին ու վանքը կը հեռանային
երկինքի աչքէն, անհունի խորքէն ու միանալով
հողին ու երկրին, արեւոտ կեանքին՝ աստուածները հին
այնտեղէն ընդմիշտ ալ կը մեկնէին լուռ ափսոսանքով…
Ճակատագիրը՝ նուազող, հալող լիճի ջուրերուն
մռայլ տագնապով պատեց համօրէն ժողովուրդ-երկիր…
տխրութեան թափիծ իջաւ խայտացոլք կապոյտ եթերին,
ու ոչնչացման հառաչանք ելաւ ջուրէն բերկրալիր…
կքեցան յանկարծ լեռներն ամեհի կորստեան ցաւէն
ծառեր չաճեցան նուազող ջուրի աւազին վրայ…
լոկ խոժոռադէմ ժայռաբեկորներ երեւցան հեռուէն…:
Արցունքի աղի շիթերն աշխարհի՝ որպէս բողոքի
ու ողբի հեծքեր՝ եղծեցին համը քաղցրանինջ ջուրի…
ըմբոստութեան ձայներ բարձրացան բոլոր ջուրերէն
սրտերէն զեղուն…
Երկինքը կարծես փուլ պիտ՚ գար մէկէն՝ ցաւի իր ճիչէն…
հողը բարկացայտ սաստիկ ցասումէն պիտի ցնորուէր…
աստղերը վերէն իրենց յուզումի ցոլանքները սեւ
պիտ’ սփռէին վար…
Կարծես աշխարհէն կը մեկնէր անդարձ ջուրի երկնաքեր
բեկոր կապոյտի…, որ բարձունքներու կապտաջինջ ծովն էր…
կ’անջատուէր կարծես բնութեան բարի, սուրբ էութենէն
ջուրի մեղեդին, որ աստուածները կը զարմացնէր…:
Լիճին կորուստով
պիտ’ անէանար լեռներու ապրող առասպել մը հին…
երազ մ’անքնին…
հեքիաթ մ’անմեկին…
փակուէր անհունէն հոգիներ դիւթող աչք մը երկնածին…:
Երկինքէն իջած սուրբերուն նման՝ առասպելական
հերոսներ հասան, որոնք անձնուրաց հին դարերու
խաչքար կերտող՝ կամ անձաւներու մթին խորքին մէջ
ոսոխներու հեստ հայեացքէն պահող քաջերու նման…
ճեղքեցին լեռներ… բացին անդունդներ ճիգով ահարկու…
իրենց տքնանքին ու մաքառումին դղիրդէն անկանգ
սահեցան հողեր… ժայռերէն ծնող ամէն տառապանք
ձուլուեցաւ կամքին հուժկու երակին, մէջն ակօսներուն…:
Կարօտով անհաս
ջուրին միացման երազը խառնած հողին ու քարին
երկրի ամենէն անօդ ու անշունչ ոլորտներուն մէջ
ու անձաւներուն՝ աշխատանքի սուրբ հեւքով շնչեցին…
ու բեկանելով ամէն առապար, ժեռուտ վայր ու լեռ
հողին համար սուրբ ու ապագային համար կենսաբեր
փորեցին անվերջ… հողին ու ջուրին խառնելով իրենց
բեղուն քրտինքին, ցաւին յոգնութեան կաթիլները ջինջ…
քաղաք մը կարծես կը կառուցանէին նո՛ր ու երկնամերձ…
կամ ճակատ մեկնած մարտիկներուն պէս մոռցած ամէն ինչ…
իրենց հոգիին քանդակուած միա՜յն տեսիլքն հայրենի
կը գրոհէին… կը խորանային հողի ընդերքին
ճանապարհ բացող, հայրենիք փրկող լապտերներ ձեռին…
ու տիտանական կամքով զրահուած սուրբերն մերօրեայ…
յաղթեցին քարին
լերան ու ժայռին
ծով տառապանքին,
երբ Վարդենիսի
լեռնագօտիին մէջէն խորախոր, անդունդէ ճամբով
բացին ճանապարհ Արփայի կապոյտ ջուրերու հոսքին…
ու գետն ընդերկրեայ միացաւ լիճին…:
Հրաշք մը կարծես շառաջով շարժեց լոյսերը լերան…
ու հողը բացաւ երջանիկ դողով իր թեւերը թաց
դէպի ջուրերու, ջրահոսքերու պայծառ այգաբաց…:
Հրաշք մը կարծես ծանր երկունքով
լերան խորհուրդէն ու առասպելէն
արարչագործեց առասպել մը նոր…:
17, Oqnuտnu, 1985
ՀԱՅՐ ԵՄ ԵՍ ԱՐԴԷՆ…
Հոգիս լեցնող յոյզերս բոլոր թրջուած են արդ երջանիկ ցողով…
սիրտս կը խայտայ պտղատու ծառին բերկրալի դողո՜վ…
անթարթ թռչուններ իմ սաղարթներէս անդադար կ’երգեն ու կը ճռուողեն…
որքա՜ն գինով եմ սիրոյ բաժակէս վարարո՜ղ, յորդո՛ղ գարնան ճիչերէն,
փոքրիկ գարուններ սրտիս մէջ գրկած՝ հայր եմ ես արդէն…:
Զուարթ են ամէն գոյներն աշխարհիս՝ անգոյն խորշ չկայ…
աշխարհ մը ամբողջ ամփոփուած է զատ՝ սրտիս մէջ հիմա…
անջինջ ակօսներ պարտէզիս մէջէն սէրս ջրելով անդուլ կը վազեն…
գոյներով յորդուն գունառատ աշխարհ արարեր եմ ես ծիածաններէն…
ու երկու փոքրիկ ծիածաններս պարփակած իմ մէջ՝ հայր եմ ես արդէն…։
Ինչքա՜ն լոյսեր կան երազող տանս աննշմարելի իրերուն վրան…
լուսամուտներէս հոսող սպիտակ լոյսերը բոլոր կը մարին յանկարծ…
իմ սենեակիս մէջ աճող լոյսերէն, ծաղկող յոյսերէն մշտնջենական…
ու իրենց լոյսի անհուն շառայլէն կը պահեն երկար կանթեղս արծարծ,
երկու երկնառաք արեւիկներու լոյսով ողողուած՝ հայր եմ ես արդէն…:
Թաղարիս մէջ իմ երազին կանաչ շունչով կը հեւան, դողով կը շնչեն…
որ կարծես ծարաւ ծիլերն էին ծուփ՝ երբ արձակուեցան ծուէն առ ծուէն
տեսիլքիս ճերմակ հերկերուն մէջէն, հողերուս դեղին ցորեաններուն մէջ…
որպէս երազի կապոյտ ծուխ ու լոյս կը բարձրանան վեր օճախիս ծուխէն
ու երկու անջատ երազիկներու յոյսերով շնչո՛ղ՝ հայր եմ ես արդէն…։
Յոյսին մեղեդին ամէն առաւօտ լաւատեսութեան իր տաղը կ’երգէ…
ոչ մէկ շարական զիս այնքա՜ն կեանքին ու կեանքը ինծի չի մատուցաներ,
որքան ճիչերը՝ կեանքին ու գարնան լոյսի պէս բացուող իմ թիթեռներուս
երբ ճռուողիւններ տանս խորշերէն յոյսին ձայները կը թռթռացնեն
ու երկու փոքրիկ, բայց շօշափելի յոյսերը ափիս՝ հայր եմ ես արդէն…։
Կեանքին խորհուրդը որպէս կեանք շնչող աւելի խորունկ ոչինչ կայ ուրիշ
քան ներշնչումիս շնչերակները, որ կեանք կը ջամբեն իմ երազներուս…
կեանքի երազի խորհուրդով լեցուն զիս ստեղծագործ իմ ակունքներուս
տանող կածաններ կը բանան անվերջ՝ ամուլ հողերս կը ծաղկեցնեն
երկու ներշնչո՜ղ ու զիս վարարո՜ղ մորճ շնչիկներու՝ հայր եմ ես արդէն…:
Հայր եմ ես արդէն, որ հայրացումի իմ շնորհքներով, սիրոյ շողերով
կ’ողողէ անհուն՝ կեանքի ծալքերուն տխրօրէն բացուած ամէն ճեղք ու ծերպ…
ամէն շփում է ու համբոյրէ ետք… կեանքը ապրելու քաղցրութեամբ օծուն
կ’օծէ ամէն պահ բերկրանքի շիթով, գոհութեան անեղծ մեղեդիներով,
որ կ’արձագանգէ օճախիս բոլոր անտես խորշերէն.— Հայր ես դուն արդէն…:
30, Յունիս, 1981
ԱՆԱՊԱՀՈՎ ՎԻՀԵՐ ԿԱՆ ՄԷՋՍ…
Պատերազմը չէ՜ միայն, որ խորունկ ճեղքեր բացաւ ներսս…
ու անապահով վիճեր երեւցան ապահով մէջս…
պատերազմը լոկ խելայեղ վախով պատեց ճեղքերս…
օդին մէջ ազատ թռչող թռչունը սարսուռը սրտին
ու իյնալու մօտ տերեւն աշնահար դողը աչքերուն,
տեսան, ճչացին,
թէ անապահով վիհեր կան բացուած ապահով մէջս…:
Ներբաններուս տակ խայտացող հողը, որ իմ հողս չէր,
այրեց ոտքերս… քայլերս տարաւ վիհի մ’ափունքին…
հողը չտեսան աչքերս անթարթ: Կարօտով լեցուն հող առկայծեցին…
ամպերն անձկալի երկնքին վրայ աշխարհին նայող
սեւ վիճեր բացին…
ու ամպերու գորշ պատուհաններէն նշմարեցի թէ
այս որքա՜ն անյոյս ու անապահով վիհեր կան բացուած ապահով ներսս…:
Պատերազմը լոկ խելայեղ վախով պատեց ճեղքերս…
տխրութիւնս կար` աշխարհի մը մէջ ուր առանձնութեան
ջերմութիւնս ցուրտ՝ տաք ձիւներ տեղաց ծուխերուս վրան…
ձիւնին կրակը այրեց ծառերս, մոխրացուց կայծս ու կրակներս…:
բարձրացայ տանիք ու հորիզոնէս ինձ թուեցաւ որ՝
առանձնութեան աշխարհս տխուր՝ վախով մ’ահաւոր,
բացեր է վիհեր անապահով՝ իմ ապահով ներսս…:
Լոկ հիւլէական կամ ջրածնային տագնապեցնող ուրուականներէն
չէ՜, որ բացուեցաւ վիհ մ’անապահով՝ ապահով ներսս…
ես տագնապահար՝ մեկնող աշխարհի մը, իմ աշխարհիս անձկութիւններէն…
հետեւցուցի թէ մրջիւնի մը չափ փոքր եմ տակաւին ու անապաւէն…
եւ ուշ կամ կանուխ կ’ըլլամ ոտնատակ, ճզմուող միջատ,
վայրի մոլուցքէն մարդորսորդներու…: Ու մրջիւններու անաչք աչքերով
քայլերուս առջեւ փորուած կը տեսնեմ անհամար վիհեր,
դողէս կը ճչամ,
– Այս որքա՜ն անձուկ ու անապահով վիհեր կան բացուած ապահով ներսս…
որքա՜ն մշուշով լեցուեր է վիհը… որ մարդ չտեսնէ ու իյնայ յանկարծ…:
28, Սեպտեմբեր, 1981
ԻՄ ԾԱՌՍ
–Գ–
Իմ ծառս հո՛ն է Մեծ Լերան լանջին…
ամէն առաւօտ երազին ճերմակ ձիւնով կ’արթննայ…
հողին զարթօնքով ծաղիկները ծիլ կը վերածնին,
արեւին շունչով կը խայտան որպէս բազմաձայն ծնծղայ…
առատ լոյս կ’առնեն հողին ընդերքին ծաւալող արեան
անձայն համերգէն ու կը պսպղան
դարերուն հունով
երգ դարձած հողին չզմռսուած անծածկ խորհուրդով…:
Կ’աճի ծառս հո՛ն ու կը բազմանայ հողին տարփանքով…
կը սփռէ շուրջը իր սաղարթներուն դաշտերը ծփուն…
դաշտերն կ’արթննան ոտնատրոփէն սերմնացաններուն,
որոնք գալիքի արշալոյսները ճաճանչով սերմին
կը թափեն հողին…:
Սօսեաց անտառէն կու գան հովերը ոգիներու պէս
ու կ’ոգեւորեն սրտի սօսափով արմատներն անտես…
կենդանութեամբ մը կ’օծեն, կը շարժեն տերեւներն համայն,
որոնք մնայուն դողով, շշունջով կը յաւերժանան…
թափող տերեւէն նոր ծիլեր կ’աճին ու կը ծառանան,
ծառեր տապալող ո՛չ մէկ աշնահար քամի անոպայ
դուրսերէն կու գայ…:
Ու ինչքա՜ն բեղուն արգանդ է հողը ծլարձակումի…
արմատներուն հոն կը հասնին ջուրեր հունէն անցեալի…
արմատները հոն՝
կ’ըմպեն պատմութեան ակօսէն բերրի…:
Մայր հողին աճած ծառս յաւերժի
չի սոսկար ցաւով ո՛չ գալարումի, ո՛չ անճիտումի…
իրմէ անճիտուած մեծ լերան ողբով լոկ կը տառապի…
ու իրմէ խլուած ու չոր հողերու վրայ տարամերժ
աճած ծառերուն չորնալու ցաւով միշտ կը տոչորի
ու միանալու մէկ էութեան մէջ ձուլուելու տենչով
կիզող կարօտով կը հրավառի…:
Իմ ծառս հոն է մեծ լերան լանջին,
ամէն առաւօտ երազին ճերմակ ձիւնով կ’արթննայ
ու ներշնչումները կ’առնէ յաւերժի աստղերէն անմար
կը սփռէ լոյսը իր գտած հունին ծիրին անկատար…:
30, Մարտ, 1984
109
ԿԱՐՕՏՆԵՐՍ…
Հո՛ն, ուր աճիւններ կ’ապրին հողին տակ…
դեռ այնտեղերէն
կարօտներ կ’աճին…
ու չտեսնելով արեան հուրը տաք
կ’ըմպեն լոյսերէն
արեւածագին…:
Իմ կարօտներս՝ որոնք ծլեցան
տոչորումներէն
հողի փղձկման,
փլուզումներէն
անամոքելի,
մոխրակոյտերու չառնող փիւնիկէն՝
ձուլուած-շաղուած են էութեանս իմ
ինչպէս արմատը հողի ընդերքին…:
աշխարհ չէ՜ տեսած այսքա՛ն անիրաւ
բի՛րտ անջատում է
ծնած արեան ցաւ…
կարօտի կրա՛կ
հեղձամահ ծարաւ,
որ կ’այրէ անդուլ բջիջներն անջի՛նջ…:
ես բջիջ մը լոկ ինկած աշխարհի
մէկ խորշը անտես
կարօտով կ’այրիմ…:
110
իմ կարօտներս՝ հեռուէն բարձրացող
եւ եղեռն ապրած
երկու ծառերու
ոգեղէն պատկեր ու ստուեր ունին…
որոնցմէ մէկը՝
շփուելով հողին
ընդերքէն աճող արգաւա՛նդ սերմին
արմատ կ’արձակէ
անհունէն անդի՜ն…
լոյսի չափ առատ
ճիւղեր կը սփռէ ապագայ դաշտին…:
դաշտէն դուրս հանուած
տատասկներուն մէջ
սպասումներուս կարօտը անծիր
կը հիւծի անվերջ…
ու մէջս մխուող տատասկներն անարգ
կը խեղդեն, կ’այրեն
կարօտին բացուող
օտար դաշտերուն ծլող ամէն ծիլ…
ու կարօտներէս ընձիւղած ոստը
չ’աճիր, չ’երկարիր
որ փաթթուելով
ձուլուի մայր-ծառին անմեռ էութեան…:
մինչ միւս ծառը հոն կքած է անտէր…
ու ծուատուելով սեւ ագռաւներէն
հողին տակ՝ թաղուեր…
ծառ ու հող խռով մահերգ կը ճչան…
ո՛չ մէկ կարօտի արցունք հեռարձակ
կը հասնի լերան հովերէն ազատ…
111
Ծառն ու հողը մեր սուր կ’աղաղակեն…
իմ կարօտներուս ծովուն անհանդարտ…:
ծառ ու հող թաղուած
դաշտ ու ձոր նիրհած
իմ կարօտներուս ճիչը կը սպասեն
ու վահագնածին
իմ թռիչքներուս
ականով հրէ
փրկութեան աստուած կ’ուզեն արարել…։
իմ կարօտներուս
սրտամաշ տապէն
ծառն ու հողը մեր սուր կ’աղաղակեն…:
27, յուլիս, 1987
112
ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ…
Մեկնումն անդարձ կը կարծուէր
այն հեռաւոր երկինքներու հովիտներէն
Ուր` Անհունի անհուպ ոգին
իբր երկնի ուրուապատկեր
կը սաւառնէր…
ւ կը շրջէր եթերին մէջ
իբր Աստուած մը մենաձայն…:
Երբ մեկնեցաւ, մենաւորին
Ձայնը արդէն նուաղած էր
հեռուներու փոշիին մէջ անկերպարան…
փոշիներու անլոյս տապէն կը խեղդուէր
մեծ Լռութեան սաւանին տակ լուռ ննջելով…:
Ու մեկնողին՝
աչքը կ’ուղղուէր խորհրդաւոր անծանօթէն
ուրիշ ու նոր անյայտի մը հորիզոնին…։
Հաւատքի հին տաճարները
հոգիին մէջ փլուզուելով
—, ուր երկնուած լուսեղէն ճիչ
մեղեդիներ կային անբաւ—,
կ’ելլէր մէջը քանդիչ կիրքեր ամբարած ծով
հրկիզելու հրթիռներով
աստուածութեան բոյնն հոգիին երկնածարաւ…,
113
որ կամարէ նոր երկինքներ գերերկրային
մեռած մեռնող աստուածներու շիրմաքարին…։
Մեկնողն անդա՛րձ
ուրացումի ուրուականէն յափշտակուած
կը հեռանար աստուածներէն հին, մերժուած…
Ու մեկնումի հովերն ամէն
կը ցրուէին յուշ ու նկար…
մոռացումի աստղը անդին՝
աւանդատան մութ խորանէն
մեղկ հաւատքի մը գունատած
եղերերգով կ’անյայտանար…:
Նոր ոլորտի մը անհոգի
շռայլութեան յատակներուն
փռուեցաւ ան…:
Ցեխոտ լոյսէն շնչեց օդը որպէս բուրում…
մինչեւ առտու գիշերներուն կաթը ծծեց…
պարպեց գինին իր հաճոյքի սափորներուն,
ապա վազեց
նոր երազի մ’արահետԷն…
(ինչքան երազ
արբեցութեան տիղմերուն մէջ կը խոշտանգեն):
Փոսը լայնցաւ հոգիին ու մարմնին միջեւ,
օտարացաւ ու ոչ ոքին տուաւ բարեւ…
փնտռեց միայն անլո՛յս օրուան
մութը պեղող անկիւնները
ուր իր խոնջած մարմնին ձայնը՝
114
որպէս կիրքի իր ընկերը
գալարեցաւ, թաւալեցաւ շուայտութեան
բոցաճաճանչ անկողնին մէջ…
Հասաւ գագաթն անկարելի երազներուն՝
ուրկէ անդին
ոչ մէկ երազ շողաց աչքին…
Գտաւ ինչ որ փնտռեց, ցանկաց մարմինն յոգնած…
Դրախտ է մը արտաքսուած
ուրիշի մէջ ըլլալ թուաց…
ու երկրային դրախտին մէջ
որքա՜ն ծաղիկ որպէս զանակ
քաղեց ծառէն երջանկութեան՝
այնքա՛ն հոգին կծկուելով
փոսը լայնցաւ
հոգիին ու մարմնին միջեւ երկրապարփակ…։
Վերադարձի
ո՛չ մէկ կանչ սուր հեռուներէն ու անհունէն
լսեց ցաւով…
Ու սուզուեցաւ տիղմին մէջ խրող նաւուն նման…:
Հոգիին ու մարմնին միջեւ
լայնցող վիհը անեզրական
խաւարին մէջ մութ աշխարհի
մնաց իրմէ դեռ աննշմար…:
Ու հեռացաւ ամէն ինչէ՜,
որ հոգիի լոյս կը ցայտէր,
բայց չգտաւ խաղաղութիւն՝
իր առօրեայ երջանկութեան
բագոսին մէջ…:
Բացաւ հոգին, որ դատարկ էր
115
արարչական խորհուրդներէն,
ու ծածկուած՝ թշուառութեան ու մեղքերու
աղտոտ ձորձով…
թաքնուեցաւ շուարումի դրան ետին
շփոթեցաւ անորոշի
անգո՛յն, անձեւ ստուերներէն
ու ինքզինքէն փախուստ տալով երկչոտօրէն
ետ ինքզինքին վերադարձաւ.
զգաց յանկա՛րծ
հոգիին մէջ վերադարձի խլրտումներ…
գտաւ ակը իր էութեան, ուր կը հոսէր
յաւերժութեան ջուրը որպէս կեանքի աղբիւր…
պարապ հոգին լեցուց ջուրով կենդանութեան…
ու անհունէն ծագում առած գետեր մաքուր
ներաշխարհէն անցան որպէս
խորհրդաւոր ոգի ու ձայն…
վերազարթնում զգաց մէջէն
երբ արթնութեան ուրիշ հովեր
եկան հեռուէն
ու ցնցեցին զինք թմբիրէն իր կիսամեռ…
Խրամատը
հոգիին ու մարմնին միջեւ անդնդացող
վերագտաւ տարածութեան նոր դարաւանդ
ուրկէ իջաւ իր հոգիին լոյսի նոր շող
ու շփուելով անհունին հետ, որ աստ ու անդ
թափառելով զինք կ’որոնէր
վերադարձաւ իր էութեան բուն արմատին
երկինքներու մէջ վերապրող Անհունի լոյս պաշտամունքին….
2, Յունիս, 1985
116
ՄԵՆԱՒՈՐ ԾԱՌԸ…
Անտառէն հեռու…
հեռու ծառերու շուքերէն գաճաճ
արմատներ նետած
վայրի հողին մէջ լերան գագաթին
մենաւոր ծառը
կ’աճի առանձին…
կ’ապրի մեկուսի…
ու կը կարկառի բարձունքներն ի վեր կապոյտ մշուշին
աստղերու սուտակ առկայծող լոյսին…:
Առանց լոյսերու թրթռացող դողին
չ’ապրիր երջանիկ… կը հիւծի շուտով… կ’այրի անշշուկ….
բայց իր մենութեան ինքնաբաւ ծոցին
կը տառապի ան Մենութեան ցաւով…:
Ոչ ոքի սակայն չ’երգեր Լռութեան խորհուրդը ցաւի…,
մինչ դարեր տեւող իր լինելութեան առասպելը հին
կը պատմեն մարդիկ…:
Չի ննջեր բնաւ… գիշեր ու ցերեկ կը մնայ խոհուն
կը խոկայ արթուն…
ամպի ծուէններ սահելով կու գան ու կը փաթթուին
մարմնի երազին…,
խոր էութենէն, արմատներէն հին կ’արձակուին բոսոր շողեր արեւի
ու արեւային աստուածներ վայրի…:
Իր իմաստութեան սպիտակ երգը կը մաղեն գլխուն
ծեր գագաթներու ձիւները մաքուր…:
117
Իր անսովոր ծառի ճակատագիրը՝ մենաւոր ըլլալ մինակ մնալն էր…
Լուսանկարը՝ ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ
118
Կ’ըմպէ լեռներու կիզիչ
գագաթին շողերն արփաւէտ
Փակ են իր առջեւ ճանապարհները ստորոտ տանող
ու անտառ հասնող…:
Ոչ մէկ ապրող շունչ կամ նուաղ թռչուն
կու գայ թառելու ամպի սաղարթին մէջ խրած իր մորճ ճիւղերուն…:
Միայն արծիւը իր ճախրասլաց թռիչքին ճամբով
երկնքի անյայտ բաց պատուհաններէն
կու գայ թառելու մենաւոր ծառին անբոյն կտուրին:
Մենաւոր ծառը սէգ Արծիւին հետ
կ’ըմպէ լեռներու կիզիչ գագաթին շողերն արփաւէտ
ու առանձնութեան գինիէն անեզր կ’արբենայ անձա՛յն…:
Խոր ու անձկայրեաց կարօտ մը կ’այրէ թէեւ իր հոգին,
իջնելու օր մը,
իր բարձունքներէն ու իր Մենութեան պատուանդանէն վար…:
Բայց վե՜ր կը մնայ…
հո՛ն՝ ուր որ են իր անկորնջելի արմատները հին…,
որովհետեւ ինք,
որքա՜ն հեռացած՝ անտառէն մթին…
այնքա՜ն բարձրացած՝ մօտեցած էր Լուսի՛ն…
որովհետեւ, իր անսովոր ծառի
ճակատագիրը՝ մենաւոր ըլլա՛լ
մինակ մնալն էր…:
6, Ապրիլ, 1980
119
ՖԱՆԹԱՍԹԻԿԱԿԱՆ ԷՍՔԻԶ
Կարեն Միւսիոնեան
Տեսիլքիս անհող արահետներով…
խաւարին անլոյս ճառագայթներով մութը ճեղքելով…
ու վար իջնելով ու վեր ելլելով
բարձունք մը հասայ… ուր անբաւօրէն կուտակուեր էին
ժայռոտ մշուշներ ու քարէ ամպեր…:
Ես աչքս յառած վայրի անծանօթ հեռաստաններուն
կոյսի պէս անհուպ թաքուն վայրերուն…
տխրութեան մշուշ ու մինակութեան թախիծ ըմպեցի…
հող երազեցի…:
Բայց արարչագործ հողը սահեր էր քայլերուս տակէն, աննշմարօրէն…:
Մտքիս արօրով փորեցի անյայտ Ունայնութեան Փոս…
ամուլ ու հիւանդ ժայռաբեկորով, քարով լեցուցի…
յետոյ բացուեցաւ տեսադաշտիս մէջ անպարագրելի
աւելի մեծղի վիհեր ահռելի…
որ անհետացան տեսիլքի մը պէս
կապոյտ լոյսերու մշուշներուն մէջ…:
Ու ճեղքուեցան մարդու կարօտին ճիչերով անձայն պատերը անօ՛դ…
ոչ մէկ շնչող հեւք շոյեց թախիծը լուսնահար դէմքիս…
լոյսին մէջ անլո՛յս… մութին մէջ անքոյթ… ես յանկարծօրէ՛ն
ցնցուած ինկայ…: Ու զառանցեցի…
Մարդը հողէ չէ՜ր…, որ մեռնէր իսկոյն երկրաշարժներէն…
դաշտը հողէ չէ՜ր…, որ ճեղքուելով բացուէր վիհի պէս…
120
երազը քար չէր, որ տապալելով կուտակուէր հողին..
հոգին միսէ չէր, որ արիւնելով ողողեր ամէն խոռոչ ու գետին…
լեռները անհաս լեռներ չէին որ ժայթքէին լաւա…
ծառեր չկային, որ աղօթէին բանաստեղծները նոր, աստղահմայ…
սէրը հող չունէր ու մարդը՝ հոգի որ աճէր ու ծաղկէր…
աստղանաւորդին սէրն ու կարօտը վարն էր մնացեր…:
Ես զառանցանքէս արթնցայ ապուշ՝ երբ «ռօպօթ» մ’անբան
անշունչ, անհոգի դպաւ ուսերում՝ կարծր թաթերը սփռելով վրաս… ըսի.
– քանի ուշ չէ դեռ,
տեսիլքիս անհող արահետներով վերադառնամ հող
ու աշխարհ եկած աշխարհի ամբողջ «Ռօպօթի» զարմը ղրկեմ Լուսնի կողմ…:
31, Յուլիս, 1981
121
ՔԱՐԱԲԵԿՈՐՆԵՐ
Քարաստան հողէս
քարաբեկորներ առած ինծի հետ
կարծես հայրենիք մը բազուկներուս
ու սրտիս սեղմած խորհուրդ լուսաշերտ
դարձայ ես կրկին հողի ու քարի անհաղորդ խաւին…:
Գրադարակիս լուսաւոր խորքէն
ճառագայթի պէս կ’անդրադարձնեն
քարաբեկորներն այս անցեալ մ’ամբողջ, որ կը տրոփէ՛
ներկայ ու գալիք մեր սաղմերուն մէջ…
բեկոր մը Անցեալ
շերտ մը հայրենիք
ու վերյուշի կիրք
կը պսպղան հոն գրադարակիս փոշիներուն մէջ…
կը շնչեն հողիս սրբատաշ քարին սարսուռներով գէջ…
Քարեր չե՛ն լոկ, այլ քարեղէն խորհուրդ,
որ իմ շունչս տաք կը սփռեն մինչեւ ոլորտներ խորունկ…
կ’արթննայ մէջս անցեալէն փախչող հողապատ ոգին.
զիս կը գրգռէ անցեալի յոյզով, տենդով սարսռագին։
Թանգարաններու մոմիաները հին ընդմիշտ կը մեռնին
հողէն դուրս ապրող քարէ շիթերու երակներուն մէջ…:
Քարը ոգին է շնչող ներկային,
որ լինելութեան իմ երգս անհող կը զինէ կեանքով
ու կենսաւիշով մ’որ դարերն իմ մէջ շնչեն անվրդով…
122
Չծաղկող քարը թանգարաններու մոմիա է անշունչ…
Աճող, խլրտող քարը կենդանի
մէջս շարունակուող, անցեալէն զարթնող ճի՛չն է Անիի…
որ Երեւանի լոյսին մէջ յառնած, Զանգուի շառաչով
կ’աղմկէ կեանքը, կը կոփէ գալիքն քարեղէն շունչով:
Գրադարակիս լուսաւոր խորքէն
քարաբեկորներն այս կ’արտաշնչեն Անիի փոշին
ու Երեւանի լոյսերը մէջս կ’անդրադարձնեն…
փոշին անցեալին, լոյսը ներկային, ծուխն ապագային
միախառնուած մէջս կը հանգչին…:
Ինծի պէս հիմա, տարագրուած են
քարաբեկորներն, որոնք հողազո՛ւրկ հայու թափառող
բեկորներու պէս՝ հայրենիք ու հող կ’որոնեն հեռուէն՝
շե՛րտ մը հայրենիք դառնալէ ետք ինձ…:
16, Յուլիս, 1987
123
ԻՄ ՏՈՒՆՍ…
Ես իմ տունս երազեցի…
այն տունը՝ որ երջանկութեան կարօտ աչքով
փողոց նայող աչքեր չունի.
աջէն – ձախէն, վերէն – վարէն հսկող չունի
ուշադրութիւն հրաւիրող հմայք չունի
չունի ոչինչ ձեր աչքերով՝ զարմանալի…:
Այն տունը ուր՝ ո՛չ աթոռ կայ, ո՛չ անկողին կահաւորուած…
ու տակաւին զիս աշխարհին, կեանքին կապող
ո՛չ ձայնասփիւռ եւ կամ ո՛չ ալ պատկերասփիւռ
կայ կենսայո՛րդ.
զիս մարդոց հետ երկխօսութեան կոչող, կանչող
հեռախօսի ճիչը չկայ…:
Այն տունը չէ, ուր կը մտնեմ ամէն իրիկուն
ուրկէ կ’ելլեմ առաւօտուն….
ես ձեզի պէս…:
կու տամ ողջոյն, կ’առնեմ համբոյր
ես սիրաբոյր,
ու կը պատռեմ սովորական
օրն սպաննող օրացոյցի թերթն աննշան…
այն տունը ու՜ր բոլորին պէս կը ծանծաղիմ,
կը ձանձրանամ, կը քնանամ, ետ կ’արթննամ, §թուղթ¦ կը խաղամ
124
կամ կը կարդամ. ուր կը ճաշեմ, կամ կը խմեմ
պատկերասփիւռ ես կը դիտեմ, կամ ձայնասփիւռ մերթ կը լսեմ…:
Ես իմ տունս երազեցի…
այն տունը, որ սովորական իմ տունս չէ՛
չունի մարդու
Հովանաւորութիւն
Ես իմ տունս երազեցի…
Փողոցին մէջ փողոցէն վե՜ր
ծառերուն մէջ ծառերէն վե՜ր
մարդերուն մէջ մարդերէն վե՜ր…:
Այն տունը ուր՝ այցելուներ չեկան երբեք…,
այլ մենաւոր, անմատչելի այն ծառին պէս,
որ ամայի բարձրութեան մէջ
կը բարձրանայ աւելի վեր… աւելի վեր…
կու գան հովեր, բուք ու հողմեր
կը խռովե՜ն, բայց չեն ընկճեր
ու կը մնայ վեր… եւ՝ առանձին:
Առուակներէն կ’առնէ աւիշ…
ու դաշտերուն երազը միշտ
թէպէտեւ զինք կը տոչորէ
բայց ձիւներուն աղօթքներէն
աղօթքներուն շուշաններէն
զեփիւռներուն շշունչներէն
շշունչներուն ձայներիզէն
իր մենութեան երգն հիւսելով
125
-չկայ կ’ըսէ աւելի լաւ, գեղեցիկ կեանք, ասկէ ուրիշ…
Երազները հոն կ’ուռճանան,
ցաւերը լոյս կը սերմանեն
թախիծները կը քաղցրանան
տառապանքը կ’ազնուանայ
սէրը կ’աճի
ու կարօտը կը ծաւալի՜…։
բայց ծառերը չեն փոքրանար,
փոթորիկ ալ եթէ ըլլայ
երկինքի մօտ կապոյտին հետ խաղաղութիւն կը հեւայ միշտ…
անձրեւներ գան
արեւուն մօտ, արեւուն մէջ չայրող հուրին կրակներով կը ջերմանայ,
ու գիշերուան խաւարը գայ,
աստղերուն մէջ, աստղերուն հետ իրենց սիրով կը վարարի
ու բազմաձայն համերգին մէջ իր լոյսերուն
կ’երկնէ երգը ծիրանավառ հորիզոնին
մենախօսութեան…
Ես իմ տունս երազեցի…
ուր ապրիլը սիրել է լոկ
ուր երգելը ապրիլ է սոսկ
մահը միայն հոն կեանք չունի…:
Օգոստոս, 1980
126
ՏԱՂ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՁԱՆՁՐԱՑՈՂ
ՍՏՈՒԵՐՆԵՐՈՒ
Մենութեան ձայնը
ռատիոյի հեւքին ընկերակցութեամբ դողդղաց շուրջդ
եւ զգացիր որ՝
առանձնութիւնն ու դուն կը տառապիք միեւնոյն ցաւով…
Ցաւը քաղցկեղի պէս տարածուեցաւ շուրջիդ թոյներով…
քեզ սիրողները հեռացան բոլո՛ր. թուացին օտար…
միա՜յն ձանձրացող ստուերներն տարտամ մնացին երկար…:
Ու տխրութիւնը,
որ կ’աճէր մէջդ. իբր անանուն բոյս մը ծաղկեցաւ
առանձնութեանդ հողերուն վրայ դեղին ու ծարաւ…
Երբ յօրանջեցին պարապ աթոռներ մինչեւ իրիկուն
փղձկաց հոգիդ հեղձուցիչ օդէն քեզ լքողներուն…
շուրջդ լեցուեցան մեծ քաղաքներու ստուերներն փոքրիկ,
որոնք շուարած ամուլ մենութեան մուխերէն սաստիկ
իրենց ձանձրոյթին գոլորշին թունոտ սրսկեցին ծառիդ…
ապականեցաւ օդդ ու շունչդ մեծ քաղաքներու
անձկութեան ախտէն
ու առանձնութեան դատարկ ճիչերէն…
ու թուեցաւ, որ
մեծ քաղաքներու պողոտաներէն, լայն փողոցներէն
շուքի պէս անցնող մարդերը ամէն
ձանձրոյթէն փախչող հոծ ստուերներու կրկներեւոյթն են…:
30, Յուլիս, 1988
127
Ի՜ՆՉ ԱՆՀԵԹԵԹ ԲԱՆ…
Ի՜նչ անհեթեթ բան…
երբ Ամանորին երազի պէս լուռ ձիւները չգան,
երբ գագաթները ձիւնին բամպակով ճերմակ չդառնան,
ծառերն չդողան կճող ցուրտերուն արհաւիրքներէն
ու ակութով տուն երբ չփնտռե՜ն…
ծուխ չբարձրանայ ծխնելոյզներէն
կաղանդի ծառը չկրէ վրան ձիւնեղէն բամպակ,
չհագնի ճերմակ…:
Ի՜նչ անհեթեթ բան…
երբ Ամանորին Օգոստոսի պէս տաք արեւներ կա՛ն…
ձիւնի դող չկայ ու ձիւնի դողէն
ջերմութիւն վազող երկինքներ չկան…
երբ երկինքներէն հեքիաթներու պէս
երազը որպէս փաթիլ չ’իջներ վար։
Արեւը միա՛յն, կ’այրէ անխռով ամէն տենչ, երա՛զ
առանց երազի
առանց հեքիաթի
ու առանց ձիւնի
օ՜, ի՛նչ Նոր Տարի…:
128
Ի՜նչ անհեթեթ բան…
երբ կաղանդ պապան
չ’իջներ ձիւնափառ լերան գագաթէն
կամ երազներու ձիւներով պատուած քարանձաւներէն…
երբ կաղանդ պապան
չի կրեր վրան ձիւնեղէն հետքեր
կամ ձիւնի շերտեր մօրուքին վրան.
չի հազար պաղէն,
Օգոստոսի տաք արեւէն խանձուած
իր դէմքով սեւցած
ի՛նչպէ՛ս կը բերէ
երազներ յոյսի, – կարմրաշող սուտակ –
գալիքի հաւատք…:
Ու կը մտածեմ…
ինչպէ՜ս ԱԼԻՍԻԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ
ծնած երկրին մէջ, – Պուէնոս Այրէս -,
բանաստեղծները առանց սպիտակ ներշնչումներու
ձիւնէ խայտանքին,
առանց անկրակ ջերմութիւններու
ու ծուխ ծխանին
առանց երկինքներ բերող երազին
սարսուռին ձիւնէ
կ’երգեն Նոր Տարին…
անհեթեթօրէն կու գայ ու կ’անցնի ակնթարթը հին…:
1980
129
ՃԻՉԸ…
Ոտնատրոփէ յոգնած մայթերը կը մրափէին…
երբ կիսամութին մարմրող աստղերու ղօղանջներուն մէջ
թաղուեցաւ ճիչը մայթին ծուարած մանուկ խլեակին…
ուրիշ ստուերներ շարժեցան անձայն, երբ ան էջ առ էջ
ճմլեց թերթերը իր հորիզոնէն մեկնող-հեռացող
ուրուապատկերին, որ հացի բոյրեր թողուց իր ետին…
բոյրին կարօտով ճչաց ուժգնօրէն ու ճիչը ցնցող՝
պարապութեան մէջ լուռ սողոսկելով սառեցաւ դէմքին…
շուրջէն ոչ մէկ պատ կամ մարդու պատկեր արձագանգեցին…
դէմքէն մահաստուեր ծուէններ ինկան հողին թացութեան,
որ մերկ կը դողար հառաչներովը նօթի տենչերուն…
բոլոր իրերէն սովահար շունչ մը շուրջը կը շրջէր
ու օդը խեղդիչ շրջապատեր էր հոգին նուաղուն…
ապրելու յոյսը թուեցաւ իրեն երազ կարեվէր…
ու մարմնին բոլոր փխրուն ծալքերէն ու բջիջներէն
իր անօթութեան սեւ ճիչը անզուսպ բարձրացաւ մէկէն
ու ճիչը ճանկեց, խարանեց խիղճը անյայտ մարդկութեան…:
8, Ognunnu, 1988
130
ՄԵՌԵԱԼ ԾՆՈՒՆԴ․․․
Մեռաւ չծնած,
չծնած մեռնող բոլոր իրերուն նման բնութեան.
բայց իր մը չէր ան, այլ շնչող էակ,
որ ձուլուած շաղուած էր իր էութեան
խորհուրդին հետ մայրանալու ամենամաքուր ու սուրբ տենչերուն…:
Կրելով իր մէջ փարած էր անոր, չծնած զաւկի սիրով, անձկութեամբ…
որ դեռ չծնած կը զգար որպէս մա՛յր
կը փայփայէր զայն որպէս գանձ, զաւակ
անմարմին երազ,
կը շնչէր անոր անձայն հեւքերով,
սրտին տրոփով նոր կշռոյթ կ’առնէր իր սիրտը արդէ՛ն,
իր մէջ գալարուող ու կազմաւորուող նոր թաթիկներուն մեղմ հարուածներէն
գոյութիւն առնող, մարմին ստացող, զաւկի մը ապրող
յոյսը երջանիկ զինք կը շօշափէր…:
Արուեստագէտի երկնող հրճուանքով
անոր ծնունդին երբ ալ կը սպասէր
բայց դեռ չծնած
դեռ չմայրացած
կը դառնար Մայրը… մեռեալ ծնունդի…:
Ու ծնած զաւկին… մեռեալ ծնունդով…
չծնած մեռնող բնութեան բոլոր իրերը կ’ողբար…:
131
Աղբիւրանալու բարի ցանկութեամբ հողէն ցայտելիք
մաքուր ջուրերու՝ աղբիւր չդարձած ցամքիլը կու լար…:
Անձրեւանալու զով երանութեամբ երկնքի խաբիչ ամպերը խոշոր
չդարձած արդէն անձրեւի կաթիլ՝ շոգիացումը կ’աւաղէր անոր…:
Վեր բարձրանալու անհուն թռիչքով, ու ծառանալու երազով, իղձով
դաշտերուն ցանուած ազնիւ հունտերու, ծառատունկերու
ծառեր չդարձած գօսացման մռայլ թախիծով կ’այրէր…
Ծաղիկ չտուող բաց ծաղիկներու անծնունդ ողբը
զերթ եղերամայր մը կ’եղերերգէր…:
Ու ոտնատակ եղող կանաչ խոտերու
հասակ չնետած, կարգին դեռ չաճած
անխշրտուք, լո՜ւռ մահացման համար կը մռայլուէր…:
Կը դառնար մայրը մեռեալ ծնունդի…
արուեստագէտին պէս ա՛յն երկնառաք,
որ լուսածնունդ իր յղացումով քանդակ առ քանդակ
գիշերուան բոլոր իր երազներուն խորհուրդները սո՛ւրբ
ու առաւօտեան ներշնչումներուն կաթիլները յակինթ
երկնող հրճուանքով դրոշմած էր պինդ,
բայց չբարձրացած Արձանը Սիրոյ…
դեռ չմայրացած անոր ծնունդով
կը դառնար մայրը մեռեալ աստուծոյ…:
27, Յունուար, 1980
132
ԾՈՒԷՆ ՄԸ ՎԱՆ․․․
Ծուէն մը Վանէն
ջուրը որպէս յոյզ կը հոսի մէջս…
ու կը խռովէ ննջած արիւնս,
տխրութիւնս մեղկ,
որ մեռնող հողիս տագնապանքն է սեւ…
Կաթիլ մը յոյզով կը թրջուիմ տաք
սարսուռներով, որ երակներէն
արմատներուս կ’ելլէ իբր հուր
ու զիս կ’ողողէ Վանիս տեսիլքով…:
Վանիս տեսիլքով ես կը հեռանամ
անլոյս աստղերու մթագնած ծիրէն…
երազիս հետքով արահետ բացած
կը շրջիմ հեռուի հովերու հունով…
կ’անցնիմ արիւնոտ փշաթելերէն…
աշխարհ մը Վանս… ծուէն մը քարով
կ’որոնեմ անթաղ հողերուն մէջ ծով…
ուրկէ կ’երեւի լոյսի ծփանքով
երիզներն յոյսի՝ խաչքարիս տեսքով…:
Խաչքարիս տեսքով տեսլահար ես խենթ…
ինկեր եմ ճամբայ, որ զիս որոնեմ
կորսուող հողիս նուաղումին մէջ.
133
ցաւիս ցանցերէն հոսող արեանս
նոր բռնկումով ես ժայռեր կ’այրեմ,
որ ահաբեկեմ լռող քարերը,
Վանայ դաշտերէն շիջող աստղերը,
Խաչքարիս տեսքով ես խենթ տեսլահար
կ’ոգորիմ անոր փրկութեան համար…:
Տանս տարագիր, անհող խորշին մէջ
ծուէն մը Վանը կարօտն է անշէջ
հառաչող հողիս, որ կը ծաւալի՜
անընդհատօրէն հոգիէս զանգող
ղօղանջներուն հետ բարկաճայթ կանչին,
ու ազատութեան չլռող ճիչին…
մինչեւ չհասնիմ հողիս երազին
կրակը իմ մէջ պիտի բորբոքի
ու դարձնէ զիս անհանդարտ ոգի…:
Ծուէն մը Վանէն բարձրացող ձայնին
լռութիւնով ես կը լսեմ ամբո՛ղջ
ամայութեան մը հեծող մեղեդին…
ծովու չափ խորունկ լճին անհունէն
ու դաշտերու մութ արձագանգներէն
հայոց աշխարհի հորովելներուն
լռած հետքերը կը հասնին ինծի…
Աւեր խաչքարին անկեալ խորհուրդէն
ու դեռ փլուզուող անյայտ գմբէթէն
տրոփը հողին զիս կ’ալեկոծէ
Վանով կը զինէ…:
22, Ապրիլ, 1987
134
ԵՐԱԶՆԵՐՍ ՀԱՄԲԱՐՁԱՆ… ԱՐԵՒԻՆ ՀԵՏ
ՁՈՒԼՈՒԵՑԱՆ
Երբ փոքր էի, կ’երազէի տանիք ելլել կամ բարձրանալ
գագաթն ի վեր սէգ ծառերուն
ու երազել արտերուն մէջ, վարը, հեռուն
ալիքի պէս ծփծփացող իմ տարիքիս
հասկերն ատոք…
բայց երբ հիմա հասկաքաղն եմ գարուններուս իմ ծաղկաբաց
չեմ երազեր տանիք ելլել… կամ վար իջնել գագաթներէս…
երազելու պահերս իմ ժամանակը իր մանգաղով հնձեց անգութ
ու կը թուի թէ իմ բոլոր
մանկութեանս երազները՝ ա՛լ համբարձան… ու՝ արեւին հետ ձուլուեցան…:
Երբ փոքր էի, ազատօրէն երազելու պահն ունէի…
ու երազի ջինջ օդը երբ կը շնչէի…
ես կրնայի ամէն րոպէ երազ հիւսել, բաց աչքերով երազ տեսնել
ես օդին մէջ օդն ակօսող օդանաւի թռիչք ու տեսք կ’երազէի…
բայց երբ հիմա, մէջն եմ նստեր օդանաւին,- մօտն երկնքին,մէջ
ամպերուն-,
ու կը սուրամ ժամանակէն աւելի վեր, նաե՛ւ արագ
երբ աշխարհս աշխարհներու հետ կը շփուի…
չեմ երազեր ամպ ու արեւ, երկինք ու ծով…
երազելու… ու երազիս մէջ թռչելու՝
իղձս արթուն օդանաւը խեղդեց անզուսպ իր ձայներով…
ու կը թուի հիմա արդէն
135
երազին հետ թռիչքներուս
մանկութեանս օդանաւը երազային
ալ համբարձաւ… ու՝ արեւին հետ ձուլուեցաւ…:
Երբ փոքր էի, ամպերէն վեր լուսին մը կար…
անծանօթին խորհրդաւոր երազն էր ան,
լուսնին ճերմակ փաթիլներով կը ներկէի ձիւնն երազիս…
ու իր լոյսին կածաններով իմ երազիս աննիւթեղէն ճանապարհը կը բանայի…
բայց խորհուրդի ճանապարհը բա՛ց է հիմա
երազի տեղ քար ու երկաթ, երկաթէ մարդ, անշունչ «ռօպօթ»
կ’երթայ, կու գայ…
հեռուներու երազը փակ, անծանօթին մութը անլոյս կը մօտենայ…
բայց կը սառի երազելու պահն արգաւանդ…:
Երկաթը բիրտ կը հալածէ… կը չարչարէ մեր երազին մարմինը տաք
կ’ամլացնէ ջինջ երազի ամէն արգա՛նդ…:
Լուսին գացի…
երազներս… բայց համբարձան… ու՝ արեւին հետ ձուլուեցան…:
-Արե՛ւ, կ’ըսեմ
քեզ հասնելու
չձուլուելու
երազը լոկ
դեռ կը մնայ անհաս հեռուն…:
9, Փետրուար, 1981
136
ԻՄ ԿԱՆԹԵՂՍ…
Լոյսի դարուն
ելեկտրական առատ լոյսին զարմանալի ողողումէն
ու շողշողուն պէս պէս լամփի շառայլներէն
կը նախընտրեմ իմ կանթեղս՝ որ վառած եմ ինծի համար…
ինծի համար եւ ուրիշին…:
Բոլորովին ուրիշ կանթեղ մըն է անշէջ…:
Կ’ուզեմ մարել ես երբեմն, բայց չի՛ մարիր…
զայն վառած է լոյս մ’Անծանօթ…: Լոյսերը իր
առած է ան բոլորովին աղբիւրէ մը ուրիշ լոյսի…
Ուրիշ ձեռքով վառուած անմար կանթեղէ մը
չտեսնուող բայց ցոլացող…
Բարձունքի մը վրան չէ ան,
ձիւնի ճերմակ կատարներէն շողշողացող արեւին պէս
վիրապի մը խոր յատակէն լոյս կը ցայտէ
ու կ’արձակէ փարոսի պէս…
կանթեղ մըն է ան պարզապէս,
բայց լոյս կու տայ ինծի համար
իմ ծովերուս մութին համար… եւ ուրիշին…:
137
Լոյսի դարուն
ելեկտրական առատ լոյսի զարմանալի ողողումէն
ու շողշողուն պէս-պէս լամփի շառայլներէն
չ’ազդուիր ան
չտկարանար
չշլանար
ու չ’աղօտիր,
այլ կը պահէ իր գոյներուն երանգները արեւաթոր
իր ցոլքերուն փայլն անստուեր ու եզակի
պայծառութիւն մը լուսածոր…:
Ու աշխարհի շլացուցիչ լոյսի բոլոր շառայլներէն…
…կը նախընտրեմ իմ կանթեղիս մթահալած՝
պայծառութիւնն առաւօտեան…:
Իմ հոգիիս գիշերներուն
ցերեկներուն գիշերային
լոյսն է անանց՝ իմ կանթեղս
որ վառած եմ ինծի համար… եւ ուրիշին…:
Երբ վառուած է՝ տագնապ չունիմ
երկիւղ չունիմ
տրտունջք չունիմ…
երբ վառուած է
նոյնիսկ եթէ շուրջս խուճապ
պատերազմի մղձաւանջ է
քովս հանգչող խաղաղութեան լոյսն է կապոյտ…
Լոյսը երբեք
138
չի տրորուիր կրունկին տակ ոսոխներուս…
այլ կը փախչին մութին մէջէն կը հեռանան անվերադարձ
ոսոխներս…:
Լոյսի պատ կայ անանցանելի իրենց առջեւ քաշուած հիւսուած…:
Իմ աշխարհիս ամայութեան՝
ամայութեանն իմ ցուրտերուս…
ճրագն է ջերմ՝ իմ կանթեղս,
որ վառած եմ ինծի համար… եւ ուրիշին…:
Երբ վառած է՝
փախուստ կու տան ինձմէ բոլոր ձմեռները աներջանիկ
երբ վառած է՝
ներս կը խուժեն իմ սենեակս, իմ պուրակս
գարնան բոլոր թռչուններս իմ երաժիշտ…
երբ վառած է՝
նոյնիսկ եթէ ձմեռ է միշտ, ձիւն է ու ցուրտ
քովս հանգչող ջերմութեանս կրակն է անհուր…:
Երբ վառած է իմ ճրագս
երբ վառուած է իմ կանթեղս,
կեանքին հանդէպ
մարդուն հանդէպ
հաւատքս միշտ վառ կը պահէ… կը պահպանէ…
որովհետեւ,
բոլորովին ուրիշ կանթեղ մըն է անշէջ։ Իմ կանթեղս…:
17 Նոյեմբեր, 1979
139
ՀՍԿՈՒՄ…
Իմ ներքնաբնակ ծառերն աղօթող կը սպասեն լոյսին…
լոյսէն խուսափող խաւարը իմ մէջ շերտ-շերտ կը հալի…
մեռնող մութերու լուսահաշտ հողին՝ հողէ ճրագներ
Բանին կը բացուին…
հսկող հոգիիս կէս գիշերներուն կ’իշխէ լոյս մը դե՜ռ…
լոյսին ի խնդիր մինչեւ առաւօտ ես կը մաքառիմ
ու կը մագլցիմ առապարներէ, որ իմ մտերիմ
անձս չանհետի, չըլլայ ջրասոյզ խեղդուող ոգի…
ոգեսպան դարուն անզէն զրահով ես պիտի հսկեմ,
որ սերմը սիրոյ մնայ մնայուն մարդեղութեան ծիլ…
բողբոջի անվերջ հողին վրայ սէր, բարութեան տեսիլ…
հոգիին իջնող ձիւնէն, արեւէն յառնէ մարդու բոյր
ու բոյրը իր մէջ պարփակէ խորհուրդ, երանգ հոգիի…:
Անզէն զրահով ես պիտի հսկեմ իմ ներքնաբնակ
աղօթող, աննինջ ծառերուս ծածուկ սպասումներով,
որ անգաղտնապահ ոգեհարցները չպղծեն, լլկեն
անհունին խորքը պահուած, թաքնուած ամէն նոր գաղտնիք…
որ խելագարած հեթանոսները ծովէն աղոտ ջուր
չխառնեն լոյսի մաքուր բաժակիս, չհասնին երկինք,
հոնկէ հսկելու իրենցմէ փախչող իմ Հսկումիս լո՜ւռ…:
30, Հոկտեմբեր, 1987
140
ԾՆՈՒՆԴ․․․
«Խորհուրդ Մեծ Եւ Սքանչելի…»
Ծնաւ…
բայց իր ծննդեան նախասահմանեալ խորհուրդէն առա՛ջ…
կային Ծննդոց Գիրքեր անճանաչ….
որոնց սպիտակ էջերը լեցուած էին պարզ գիրով, բազմակէտերով……
Ծնաւ ու իր հետ
ծննդոց գիրքին գլխագիրները աճեցան, շատցա՛ն…
գլխագիր մարդը, գլխագիր կեանքը, գլխագիր ծնունդն եկան երեւան…
բազմակէտերու հարցականները շատ նուազեցան,
մնաց հարցական
անբացատրելի հրաշքը կեանքին խորհուրդը ծննդեան…:
…Բայց խորհուրդը մեծ եւ սքանչելի կը մնայ դեռ եւս
ծնունդէն առաջ…:
Յղացման խորհուրդ…
երկունքի խորհուրդ…
արարման խորհուրդ…
Յղացումին հետ արարչահիւթի թերթեր սպիտակ ու արգասաւոր
կ’իյնան ստեղծման գիրքի էջերէն,
երգերով կ’օծեն,
լոյսով կ’ողողեն
աշխարհը ճիչով կը բեղմնաւորեն
ու նոր աշխարհ մը կը վերստեղծեն…:
141
Բայց ցաւը կ’աճի…
Աշխարհը յղի է յղացման տենդով
ու խորհուրդներով…:
Առանց յղացման ամուլ է լոյսը, ու կեանքն է ամուլ,
բացակայ է երգն ու ճիչը թովիչ…
…Բայց ցաւը շատ է…
Երբ ամպերը գորշ յղի են ցօղով
անձրեւը առատ կ’իջնէ դաշտերուն ու արտերուն ծով…
երբ հողը բեղուն յղի է սերմով,
կը պայթին ծիլեր այգաբացներուն,
կը ծաղկին ծառեր ծառաստաններուն,
երբ ձիւնը առատ, հողը մաքուր է
որքան աղբիւրներ կը հոսին անվերջ լերան կուշտերէն
հողին ընդերքէն…:
Երբ երկինքը լուրթ՝ աստղազարդ է, լո՜ւռ
լուսինը մսուր՝
լոյսի յղացման
պայծառակերպման…:
Երբ հոգին յղի է ներշնչումո՜վ, ալեկոծումով
երկնաձայն կանչով
մեղեդիներու
ծիածաններու
յորդ գեղեցկութեամբ կ’ողողուի աշխարհ…:
Երբ կինը յղի է, օրհներգութի՛ւն է
ծննդոց էջին, աշխարհի գրքին
մարդու մատեանին…:
142
Թող աշխարհը միշտ մնայ յղացման սուրբ խորհուրդներով…
հաճելի ցաւով…:
Ցաւը թող շատնայ երկունքի ցաւով
ի՜նչ լաւ անէծք է ցաւը երկունքի՛,
առանց երկունքի, առանց տառապանքի
ինչքա՜ն խորհուրդ ու լոյս կը նուազի…:
Ինչո՞ւ նուազի, երբ բանաստեղծ է
արարման խորհուրդ՝ ու արարիչ է…
ծննդեան հրա՛շք,
ի՜նչ գեղեցիկ երգ է, ամեն բան որ այսպէս կը ծնի,
բայց հրաշալի՝ երբ մարդ կը ծնի…
կը ստեղծէ միթը մարդեղացումի
յորմէհետէ մարդ կը վերածնի…
կը դառնայ խորհուրդ մեծ՝ սքանչելի՛…:
5, Յունուար, 1980
143
ՏԵՍԱՆՈՂԸ…
Մութին մէջ խոկաց
եւ երկրպագեց լոյսին համար այն՝
որ բացակայ էր
հոգիներու մո՛ւթ հորիզոններէն…
մինչեւ որոնած
լոյսն անկրկնելի չերեւցաւ իրեն
մնաց մենակեաց
երկնումի ցաւով խուցին մէջ անձայն…:
Ներսի անդունդին
մութը տրորեց եւ մտքով պեղեց
դարը մշուշող
ստուերները խիտ, որոնք վերջացած
կը յամենային
լոյսի սովին մէջ՝ իբր տագնապ մեծ…:
Հոգիէն փրթած
պաստառին վրայ շողաց լոյս մը նոր,
որ ծաւալեցաւ
անհունին խորքէն իրեն բացուելով…
լոյսին խայտանքով
իջան հոգիին անուրջներ անդորր
որոնք տակաւ առ տակաւ խորացան իր մէջ իբր անհուն ծով…:
144
Խոր խորութենէ
մը դիտեց անհունը ու ցնցուեցաւ
երբ Տեսիլքի մը
հովանին իջաւ հոգիի լոյսին…
երկինքէն ինկած
կայծակի նման փայլատակեց իր
տեսլահար հոգին…
ու ճչաց յանկարծ
իր արմատներէն երկնումի լո՜ւռ ցաւ…
Դարը երեւցաւ
ցնցիչ լոյսերով… վիթխարի ամպով…:
24, Սեպտեմբեր, 1988
145
ՎԱՂԸ ԱՐԵՒԸ ԵՐԲ ԾԱԳԻ ՆՈՐԷՆ…
«Եւ ոչ է ամենայն առժամայն ընդ արեգակմամբ։ զի զոր խօսիցի ոք եւ
ասիցէ. Ահաւասիկ այս նոր է, վաղ իսկ եղեալ է ի յաւիտենից եղելոցն
նախ քան զմեզ»։
«Գիրք Ժողովող»
Երբ մշուշ չըլլա՛յ
ու երկինքն անամպ՝ ամպեր չսքողեն,
վաղը արեւը կը ծագի նորէն…
արեւ մը տարբեր, որ ու՜րիշ է միւս առաւօտներէն…
արեւ մը անկէզ ու նորաստեղծեալ, որ հոգիներուն
մութերը բոլոր կը ճերմկցնէ լոյսերով թաքուն…
պայծառութիւն մը գունազարդ կու տայ աչքիս բիբերուն
ու ամէն ինչ նո՛ր, լուսաւո՛ր, պայծա՛ռ կը սկսիմ տեսնել…:
Տարուան առաջին օրը նորազարթ կ’ուզեմ սկսիլ
ու երջանկանալ արեւուն լոյսով հաճոյատեսիլ…:
Եթէ
մշուշներ չըլլա՛ն…
ես աշնանային տէրեանական մշուշէն բացի՛,
չեմ սիրեր բնաւ, կեանքի մշուշոտ պահերը լալկան…
մշուշոտ աչքեր… մշուշոտ մտքեր… մշուշոտ հոգի…
մշուշները խիտ կը ծածկեն կեանքի արեւը ոսկի…
առանց արեւի ամենաբաշխ ու ձրի ոսկիին՝ ապրելու երգը, տենդը կը մարի…:
146
Երբ երկինքն անամպ՝ ամպեր չսքողեն…
ես գագաթներու ամպերէն բացի
չեմ սիրեր երբեք երկնքի, ծովի մառախուղները գո՛րշ, ծուէն-ծուէն,
մթութիւն թախծոտ, գորշութիւն տխուր կու տան, կը բերեն
կուտակուած մթին ամպերը կեանքի…։
Չեն խոստանար լաւ բաներ ցնծագին՝ աշխարհի գլխուն ամպերը մթին…:
Երբ մշուշ չըլլայ…
երբ երկինքն անամպ՝ ամպեր չսքողեն,
վաղը արեւը կը ծագի նորէն…
արեւ մը տարբեր, որ ուրիշ է միւս առաւօտներէն…
բայց ինչո՞ւ այդպէս Գիրքն Իմաստութեան…
հակառակ այդքան նորոգուող ու նոր բազում բաներէ՜
այդքան անփոյթ արձանագրել է
Այս արեւուն տակ չկան բաներ նոր:
Տարուան առաջին արեւը ծագող՝ ինք նո՛ր է արդէն…
երբ երփնալուցկի որպէս պսպղուն կը գունազարդէ
ամէն ինչ ու իր…:
Տարուան առաջին ծագող արեւով,
տարբեր կը տեսնեմ կեանքը,
աշխարհը,
մարդերը բոլոր,
ու բնութիւնը ծով, բազմահոլով…:
Արեւուն պէս ջի՛նջ, պայծառ կը թուի նոր տարին ինծի…
հաւատքս կ’առնէ շողեր կենսախայտ արեւու սրտէն…
ու կեանքով լեցուած ապրիլը աղուոր երջանիկ հրաշք կը թուի ինծի,
հոգիս նորոգած արեւուն երգով։ Արեւուն ջուրով գայռեր կը մաքրեմ
ու վերանորոգ կեանքին բացուելով, սէրս համբոյրի սերմով կը ցանեմ
147
իմ կեանքիս բացուած ակօսներուն մէջ…:
Ու արեւուն պէս… եւ իր ցոլքերուն պէս համայնական…
սփռուիլ, բացուիլ, միաժամանակ յառիլ աշխարհին…
կ’երազեմ աշխոյժ տարուան առաջին արեւուն հետ ժիր,
թրթռալ իր սիրով… տրոփել իր սրտով… կանչել իր ճիչով…
ձուլուիլ էութեամբ իր բարդ գոյութեա՛ն,
ըլլալ համագոյ, հա՛շտ` թռիչքներուն տիեզերական…:
Արեւուն պէս պարզ, լաւատես, բարի…
կը թուի ամէն դէմս ելլող մարդ,
տարուան առաջին շողին հետ զուարթ…
գիտեմ այդպէս չէ մարդը յեղյեղուկ…,
բայց օրուան մը լոկ հաւատքը աղուոր
թէկուզ միամիտ,
կ’ընէ զիս գինով,
կ’ընէ երջանիկ…:
Արեւուն շողով… ձիւնին փայլերով մութը նուազած
ու սպիտակած կը տեսնեմ մարդու հոգին դէպի վեր՝ բարձունք սեւեռած….
Վաղը արեւը կը ծագի նորէն,
ու գագաթներուն ձիւները անհալ,
կը պաղպաջեն ու արեւի ոսկի շողարձակումէն
մէջս կը խայտան ճերմակ երազներ… սիրոյ սարսուռներ
ապրելու հրճուանք…:
Վաղը արեւը կը ծագի նորէն…
ու իր ծամերուն խուրցով ոսկեղէն
ծառերը բոլոր կը հագուին բեհեզ…
ու կանաչները իրենց գունազարդ սաղարթներով հե՛զ,
148
կը թուին ինծի մԷյմէկ յարդարուած շքեղ տօնածառ,
որ կարծես հիմա պիտի քայլերգեն ու մտնեն ուրախ՝ ամէն տուն անծա՛ռ…
Արեւուն գոյնով, հաւատքով անմար
ամէն տօնածառ գալիքի համար
կը թուի կոթող…
վերակերտուող…:
Երբ մշուշ չըլլա՛յ
երբ երկինքն անամպ՝ ամպեր չսքողեն
ու նոր արեւը ծագի վաղը երբ,
արեւը ոսկի կը հոսի զուլալ յո՛րդ աղբիւրներէն…
ու բանաստեղծին հաւատքին պէս ջինջ,
ու զարմանալի տեսիլքին պէս վառ
տարուան առաջին օրը նորազարթ
այգին նորածագ,
երազեցէ՛ք, որ աղբիւրներէն ջինջ
ակնթարթ մը լոկ
ոսկի կը հոսի…
վաղը արեւը երբ նորէն ծագի…:
3, Յունուար, 1980
149
ԻՄ ԳՈՅՆՍ…
Շա՜տ են գեղեցիկ գոյներն աշխարհի…
Ես սովոր էի,
բնութեան բոլոր պէ՜ս-պէ՜ս գոյներով
աշխարհը տեսնել ճերմակ պաստառի սպիտակ ֆոնով
զուարթ գոյներով…:
Բայց հիմա արդէն իմ յոգնած սրտիս բջիջներուն մէջ
վախերով գոյնի,
բացուած բազմաթիւ ակօսներ անտես…
կեանքը կը տեսնեն անգոյն տխրութեամբ
աշխարհը վայրի իր տագնապներուն արիւնոտ դէմքով…
ու մարդիկը խեղճ՝ Քսանմէկերորդ լուսաւոր դարու անհեթեթ ֆոնին
աւելի աղճատ ու այլանդակուած դիմանկարով…
յառաջդիմութեան անզուսպ վախերով…
Հիրոշիմայի նոր ուրուականով….
Շա՜տ են գեղեցիկ գոյներն աշխարհի…
Բայց ամենէն լաւ գոյնը բնութեան
ես դեռ կը փնտռեմ գուցէ անծանօթ վայրէն ամայի…,
այն գոյնը նոր որ զիս ուրիշներէ, ուրիշ գոյներէ
ուրիշներ ինձմէ
կը զատորոշէ … ու կը տարբերէ՜…:
150
Շա՜տ են գեղեցիկ գոյներն աշխարհի…
Ու ես անոնցմէ բազմաթիւ գոյներ հեշտօրէն առի…
երանգապնակս ճոխացաւ գոյնով… լիացաւ լոյսով…
բայց իմ գոյնս դեռ
կը բացակայէր…
ու իմ լոյսս չէ՜ր…
Ես դեռ կ’որոնեմ բոլոր գոյներէն…
այն գոյնը որ ի՛մս, միա՛յն իմս ըլլայ
եւ իր լոյսերով նոր աշխարհ բանայ լուսամուտներէն
պաստառիս վրայ…:
20, Ապրիլ, 1981
151
ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ…
Երազէ հիւսուած հեռուի հետքերով կ’ընթանայ ուղին
հոգիի երթին…
կը փռուին դէմը անյայտութեան պէս խոր ու անծանօթ
ոլորտներ օտար…
դողը տարտամի ճնշիչ տագնապով կը ճմլէ հոգին…
շուրջէն ամայի հովը լեռներուն կ’իջնէ ծառէ ծառ.
ծառերը ուրիշ ճիչեր կ’արձակեն անեզր անյայտէ…,
ու դէպի իրենց կը կանչեն թեւերն՝ երազին շողէ…:
Շփո՛թ ձայներէ այլայլած կարծես կը մտնէ անդուռ
քարանձաւէ մը ներս ուր ձայները մերթ հիազարհուր
ու մերթ մեղեդի որպէս կը հասնին անունջ խաւարէն…
մութն ու ձայները կ’երկնեն անյայտին ներածուփ ոգին,
որուն ոլորտին կը հանգչի հոգին միայնակօրէ՜ն…:
Հոգին կ’ընկճուի ու կը սարսռայ խորութեան դողէն,
որ կը ծաւալի շուրջը դեգերող մենութեան շունչով.
– Ինչո՞ւ է վախը խորախոր վայրէ, օտար ոլորտէ,
երբ նաւն հոգիին կը տենչայ սուզիլ անդունդը մինչեւ
ծովին ու հողին կամ հասնիլ երկինք, լուսին ու արեւ…
ո՛չ մէկ սուզանաւ կը հասնի մինչեւ խորը հոգիին…
ՔԱՐԱՆՁԱՒԷ ՄԸ ՈՒՐԻՇ ՔԱՐԱՆՁԱՒ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ Է
ԿԵԱՆՔԸ ՀՈԳԻԻՆ…։
152
Հով մը անհունէն, շունչ մը մեկնումի հոգին կը հանեն
մութին խորքերէն…
բարձրին գոյները կը հասնին աչքին ու կը հանդիպին
լոյսի տեսիլքին…
մշուշները հոն կը հալին մէկէն ոգորումներէն
գունախաղերու,
ո՛չ մէկ աստղանաւ պիտի կարենայ հասնիլ հոգեղէն
կատարը անհաս
ջինջ բարձունքներու…
ՀՈԳԻՆ ՃԱՄԲՈՐԴՆ Է ԾԱՐԱՒՈՎ ԱՆՅԱԳ՝ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹ
ԵՐԹԸ ԱՆՀՈՒՆԻՆ․․․:
Քեզմէ խուսափող ճակատագիր մը կը կրէ ուրիշ
ճամբորդող հոգին, որ մերթ երկնային ու մերթ երկրային
առագաստներով կը տարուի հեռուն, վայր մը ամայի,
ուր սովորական աշխարհէ տարբեր բանաստեղծութիւն
մը կ’երկնուի լոյսի
որ իր արմատէն
յաւերժ մաքառող կենսուժ կը ծնի ընդդէմ անցաւոր
իրի, ստուերի…:
Անցաւորէն ու գոյութեան կռուէն մշտատեւ փախո՜ւստ
ու հեռացո՜ւմ է ճանապարհն այս, որ հանգրուան չունի՛…
ու վերադարձի ճամբաներն բոլոր մթապատուած են
ու անդառնալի՛…։
Առջեւը բա՛ց է, անհունին լոյսը կը բանայ ուղի,
ուրկէ լո՛կ կ’անցնի յաւիտենօրէն ճամբորդող հոգին.
ո՛չ մէկ անցաւոր նաւ ու օդանաւ այնտեղ կը հասնին…:
20, Oqnumnu, 1989
153
ԱՆՀՐԱՇՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
Նուէր Հայաստանի 60 ամեակին
Ես չտեսայ
աւերակուած անծա՛ղկ քարեր…
կամ ստուերներ
որ կը յածին դարանակալ հողիդ վրայ…
անվերադարձ մեկներ էին մահագուշակ բուերը ծեր
ժայռ տապալող ու ծառ հնձող փոթորիկը ես չտեսայ…
ես չտեսայ անապատի բեկորներուն աւազները արիւնլուայ…:
Բարկութիւնն իր՝
հողին թափող երկինք մ’օտար
վերը չկար…
երբ ես բացի՝
աչքերս նո՛ր՝ նորահրաշ երկինքներուդ…:
Հողէդ անդարձ
մեկներ էին արեան հետքեր օտարամուտ…:
Դարեր ապրած, դարեր տեւած Գոյութեանդ հրաշքը մեծ
խորհուրդն անեղծ
մահուամբ ջնջել դեռ ցանկացող
սպառնական ստուերները ես չտեսայ…
անդուռ տունէդ ու սահմանէդ՝
փախչեր էին ու բացակա՛յ էին հիմա…:
154
Զարթօնքի ծիլ, ճիչ կ’արձակեն Գարնան ժպտող դաշտերուն մէջ
Լուսանկարը՝ Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ
Ու որբերուդ ողբահառաչ արցունքներէն
ո՛չ մէկ թախծոտ բաղեղ անսէր
դաշտերուդ մէջ բարձրացեր էր ու՝ մնացեր…:
155
Ես չտեսայ
անծառ դաշտեր
անդաշտ ծառեր
չորցած սերմեր…:
Բացուած ծակէն երկինքներուդ
հողդ իջած ագռաւներուն
յափշտակած սուրբ հողերուն
պատարագն ու կորանքները ես չտեսայ…:
բայց երբ ծնայ
արդէն ծնած ու դեռ յառնող երկիր մը կար հնադարեան
Նոր Հայաստան…:
Չկայ ծնունդ… առանց անլուր հրաշագործ երկունքներու…
Յարութիւնը… բայց կա՛յ առանց հրաշքներու…:
Ու երկունքը՝…
գալարատանջ կա՜նչն էր հողին…
չմեռնելու համար ծնած
բեղուն սերմին…,
որ պայքարով, օրհասական մաքառումով բջիջներուն
վերականգնէր… վերստեղծէր
արմատներուն լինելութեան
սերունդներուն յաւերժութեան
հայ հոգիին ազատութեան
հրաշք տունը…: Ծնունդն անոր առհաւական…:
Յարութիւնը՝…
բայց հրաշք չէր՝
ո՛չ ալ փիւնիկ թռչուն անգո՛յ
որ կը յառնէր փլած տունին մոխիրներէն…։
156
Հողը ճեղքող Յարութիւնը հրաշաշող
լոկ մէկ անգամ պատահեր էր յանկարծօրէն…:
Մեռելներուն մոխիրը լո՛կ
արեան դաշտէն յարեաւ երկինք…
ու երկինքը մերժեց անուժ
մոխիրներուն ձիւները սեւ…
բայց հողը կա՛ր
բռնութեան կոյր աւերին դէմ…
ու չէր մեռած, որ ան յառնէր մեռեալներու շիրիմներէն…:
Յարութիւնը հրաշք մը չէ՛ր…
այլ նուաճուած զանգակներու յաղթական ձայն
աւերժութեան շուքը վրան.
ժամանակի աստուածներուն դէմ զայրացած
հաւատքի ժայռ… ու քարէ կամք…:
Յարութիւնը հրաշք մը չէ՛ր…
այլ պսակուած հերոսացում
առողջ տենդով նոր կառուցում….
որ ամէն օր կը բարձրանար
հողին անտես գալարումով
քարերուն դէմ մաքառումով…
յաղթանակի հրաշքներով…
ու դէպի Լոյս խոյանքներով…
երկինքներու ճանապարհով…
ու աստղերու նուաճումով…։
157
Յարութիւնը հրաշք մը չէ՛ր…
այլ Այգաբաց մը կերտուած՝
բիւրեղացուած…
ուրկէ հողին իջած լոյսեր
հողէն ցայտող շողերուն հետ
Զարթօնքի ծիլ, ճիչ կ’արձակեն
գարնան ժպտող դաշտերուն մէջ
ապագային առջեւ բացուած ճանապարհով…:
Մեր երազին ոսկի մուրճով
քար կը ծաղկեն
կեանք կը կոփեն
դարերու երգ կը քանդակեն
վաղուան Տունին որպէս վահան՝
ու կը կերտեն թեւատարած նոր Հայաստան…:
Հրաշքն այն է՝
որ ամէն օր դեռ անաւարտ որպէս պոեմ
երգին տողերն կը յօրինեն…
որ աշխարհին յղուած որպէս մաքուր երազ
յարութիւնն իր կանգ չէ առած,
այլ կը տեւէ… Լինելութեան ճամբուն վրայ
ու կ’աւետէ
որպէս ծաղկող երկիր ու հող
թէ ինք յարեաւ իր անհրաշք նո՛ր Յարութեամբ…:
4, Յունիս, 1981
158
ԲԻՒՐԵՂԱՑՈՒՄ…
«Մինչեւ հասցրիր կատարելութեան
մարդեղութիւնդ՝ քո ամենալիր աստուածութեան հետ»:
Գրիգոր Նարեկացի
Երբ գտաւ ծառը Ինքնաճանաչման
սկսաւ իր մէջ պայքար մ’անընդհատ անեղծ արթնացման…
լոյսի արարման
ու բիւրեղացման…:
Բայց ինք զգաց, որ
խճաքարերուն խճողումներէն խիղճն էր խլացած…
ու ջուրի պղտոր ծանծաղուտին մէջ կը ծփար կծկուած…
դեռ ինչքա՞ն մնայ կիսամեռ հեւքով աղտին մէջ թաթաւ…
լոյսը չերեւաց խաւարաբնակ աչքին կիսաբաց…
փակուեցան կարծես լոյսին բացուելիք դռները բոլոր…
խեղճացան խայթով հոգին օրէ-օր.
մեղքն ու մշուշը մթնշաղի պէս իջան թախիծով
ու կսկիծներով տագնապախռով…:
Դարը վէրքերն իր բացաւ անխնայ խիղճի խորքերուն
անզգայացուց հոգին ու խիղճը թաթով ահարկու…:
Մուրի եւ աղտի կուտակուած շեղջէն կը կիզուէր արդէն
երբ խիղճէն հոսող արիւնն ապստամբ ճչա՛ց տարօրէն…:
Սկսաւ իր մէջ պայքար մ’անընդհատ խղճի արթնացման
ու բիւրեղացման….
Տարտղնեց ամբողջ խիղճը խճողած խճաքարերը,
աղտ աճեցնող, մեղքեր կուտակող ծանծաղուտն այրեց,
159
Երբ գտաւ ծառը Ինքնաճանաչման
160
որ լոյսերու եւ մաքուր ջուրերու ակով բիւրեղեայ
մաքրուի ի սպառ,
ու դարմանուելով դարու վէրքերէն՝ էութեան դառնա՛յ
հոգին ընելով սիրոյ տաղաւար…:
Մարմնի ծերպերէն բարձրացող ամէն ծարաւի աւաչ
ընկղմեց հոգին տոփանքի տղմուտ, ծածուկ ախտին մէջ…
ուրացած հոգին՝ պաշտեց մարմինին կրակներն անշէջ…
որ կորստական թոյներով ծածկեց երազն յոգնատանջ…:
Մարմնին ուղեկից իջաւ սանդուխէն մոլորանքի ձոր.
ճախճախուտ էր հոն… ու չկար այնտեղ ո՛չ մէկ սուզում խոր…
սկսաւ իր մէջ պայքար մ’անընդհատ երկու էութեան
ներհակ ուժերու
հաշտ հակասութեան…:
Աղտը եւ ախտը աղօտեցին ի՛ր կերպը մարդկային…
միտքը ոչ մէկ կերպ օգնեց հոգիին վերազարթնումին…
գնաց թափառիլ անյայտ հեռուներ…
ու զգաց յանկարծ, որ հեռուն մեկնած միտքը որոնող
հոն կը չարչարուէր
տագնապով խռովող։
Ելքի փրկանքի
ուղի չէր գտներ…:
Խառնակոյտին մէջ պարպուած ամբողջ ներքին տարրերէն
շփոթեց ինքզինք անշօշափելի ստուերներուն հետ…:
Ու չարչարագին
ձերբազատուելով մարմնին կապանքէն՝
անջատուած հոգին
ու թաքուն ոգին
161
զինք հրեցին վեր, դէպի բարձունքը վսեմ անհունին…
ճանչցաւ սէրը հոն,
եւ զգաց որ լոկ սէրը որպէս ուժ տիեզերական
յաւերժի կրօն
կ’առաջնորդէ զինք իր լինելութեան բիւրեղացումին…:
Սէրը զօրացուց իր մէջ արմատը վերածաղկումին…
փոքր ու նսեմ բնազդներն ամէն՝ բիւրեղանալու
պայքարէն մեռան…
սէրով լեցուեցան առէջներն բոլոր իր դատարկութեան…
սէրը զգետնեց մթութեան ամէն գորշ ու լպրծուն
տիրապետութիւն…:
Հոգին առանձին
անվերջ արարեց բիւրեղացումի լոյսը Գոյութեան,
որ թռիչք է վեր, մինչեւ կատարը Անհունի լոյսին…
կատարելութեան բարձունքը բիւրեղ չունի հանգրուան…
մի՛շտ աւելի վե՜ր… նո՛ր բարձունքներու կը տենչայ հոգին…
կեանքը մինչեւ մահ՝ ինքնաճանաչման ծառին հետ մինակ
անընդհատ պայքար է բիւրեղացման ու յաւերժական
լոյսի որոնման…:
Համաձուլման:
25, Յուլիս, 1988
162
ԴԻՄԱՍՏՈՒԵՐՆԵՐ
–Ա–
Չկոտըրած բայց ծակծկած հայելիիս ցոլանքներէն
այլափոխուած դէմքեր մռայլ օտարի պէս զիս կը դիտեն…
չէ մնացած ոչինչ կարծես
իմ մարդկային դիմագիծէս…
Ե՛ս՝ ես չեմ այլեւս ու թերե՜ւս
բոլորովին տարբեր մէկը դարձած կարծես
կ’ահաբեկիմ ես ինքզինքէս…:
Ժպիտի տեղ վայրի ճիչեր կ’ելլեն ինձմէ…
ու կը բախին ամայութեամբ արձագանգող
իմ սոսկումի ստուերներուս…
Ու ինչ որ կար իմ անցեալէս, մնացած էր՝ երազներէս
կը բաժնուին օտարի պէս…
սէրս ինձմէ կը հեռանայ…
կ’օտարանամ ոչ ուրիշէ, այլ՝ ես ինձմէ…
կը թուի թէ թշնամին եմ
ամէն ծիլի, որ կը բացուի կեանքի անտէր ճամբաներուն
ամէն Լոյսի, որ կ’արձակուի անհետացող հորիզոն…:
24, Յուլիս, 1988
163
–Բ–
Կ’ահաբեկիմ ես ինքզինքէս…
երբ կը դիտեմ հայելիէս՝ դէմքիս աճած մազերն անկարգ
անասունի ստեւ որպէս…
կը թուի թէ անտառներու քարանձաւէն տարօրինակ
նոր դուրս ելած նախամարդու կերպարն եմ ես,
որ մոլեգնած ամայութեան սարսափներէն
ու ծարաւած արեան տխուր պատարագին…
զոհի ճիչեր որոնելով,
սպանութեան եւ ոճիրի սերմ կը ցանէ
մարդկայնութեան սուրբ հողերուն…:
Կ’ահաբեկիմ դիմաստուերէս…
երբ կը տեսնեմ հայելիէս՝ խուճապահար լոյսի փախուստ
էութեանս բոլո՜ր-բոլո՜ր խոռոչներէն,
հոն ատենօք մեկտեղուեր էր լոյսն «ի վերուստ…:
Դէմքիս վրայ ստուերներու դարանակալ եռուզեռէն
մթագնեցան գոյնիս պայծառ շերտերն ամէն…
ստուերներու մթութիւնով ես ծածկուած ամբողջովին
կը խափանեմ լոյսին մեկնող արահետներ,
կը կոխկռտեմ կեանքին բացուող ծիլ ու թիթեռ,
այլանդակուած ես՝ մութ ստուեր…:
Կ’ահաբեկիմ… ես աչքերէս,
որ հիրիկի ճաճանչներուն ու փայլին-տեղ,
ատելութեան թոյնով խառն՝ վայրագութեան կիրք մը ահեղ
իմ դուրս ցցուած բիբերուս հետ
մթագնելով կ’ահագնանայ…:
164
…Հայելիէ՛ս՝ աչքերս զի՛ս եւ ուրիշներ
մարդու տարբեր կերպարանքով ալ կը տեսնեն…
այսուհետեւ իմ աչքերս լոկ աչքեր չե՛ն…
այլ լեռներու վայրի լանջին
բացուած ծերպեր, ուր որպէս որջ կ’ապաստանին
անգղներու, ագռաւներու գազան ցեղէն՝ մարդակերներ…:
Ի՜նչ ահաւոր տեսիլ է ա՛յս…
երբ կը դիտեմ հայելիէս,
կ’ահաբեկիմ իմ մազերէս,
որ յօնքերուս վրան աճած, սուր-սուր կարծես
ճանկեր ըլլան կամ կարիճներ, որ կը սպառնան
աչքս ինձմէ… ու բարութեան, մարդկայնութեան
նայող ուրիշ աչքեր խլել,
ու երկինքի լոյսը մարել…:
Գլխուս անմազ, արիւնախանձ մազերն ամէն
սողուններու կեր դարձեր են…:
Գլուխս իմ գլուխս չէ,
այլ անճանաչ ու այլանդակ գլխու ստուեր,
չէ մնացած ոչինչ ծանօթ.
երկու քիթեր հոն միատեղ արեան հոտով կ’արտաշնչեն,
իսկ բերանս գլխուս վերեւ բացուած է լայն,
խոշոր լեզուով արիւնս ու ուրիշ արիւն
կը լափլիզէ անյագօրէն…:
Աստուածաշունչ հին մատեանէն դեռ վերապրող Կայէնն եմ ես,
որ կը սգայ ինք չմեռած՝ մեռնող հոգւոյն թաղման համար…:
28, Հոկտեմբեր, 1988
165
ԻՄ ԴԻՄԱՍՏՈՒԵՐՍ
Գունատ ֆոնը դիմաստուերիս՝
քսաներորդ դարու լոյսով կը ճերմկի…:
Ես կ’որոնեմ աւերակուած ««Չարչափուք»ի
աղաւաղուած ֆոնին վրայ՝ հեռաբնակ մանկութեանս
կոխկռտուած, բայց սպիտակ սաւանները,
որոնց վրան լուսաբացէն մութեր ըմպած
շողեր կային ու ջինջ բիծեր մօրս մաշած
սուրբ մատներէն…:
Անոնց բացած լուսարձակէն
կը յայտնուի դիմաստուերիս ֆոնը գունատ, ստուերական…:
Գորտերու պէս կը ցատկոտեն
յիշողութեան գետակներու մամուռ կապած
քարի անմաշ բեկորներէն
յուշի լաթերն ծուէ՛ն- ծուէն ու ծուատուած…:
Մնացեր են անոնց վրան հօրս լոյսէն
ու բանուորի քրտինքներէն անհալ շիթեր…
որ բարութեան ակօս բացած դեռ կ’ոռոգեն
հանապարզօր արդար հացի
իմ դաշտերս… ու արտերս` իմ բարեբե՛ր…:
20, Նոյեմբեր, 1988
166
ԴԻՄԱՍՏՈՒԵՐՍ
Դիմաստուերիս լոյսն աննշմար հետզհետէ կը մթագնի…
ստուերները կը բազմանան ու կը բանան մութի ակօս…
մէջէս յառնող ու բարձրացող պանդխտութեան ճիչն անտունի
կը պարուրուի էութեանս՝ որպէս երգի սարսուռ անխօս…:
Կ’այլագունի դէմքս ուրիշ բարկ արեւէ՜,
որ աշխարհի մութին վրայ կը սփռուի
երկինքներէ իբրեւ լոյսով շնչող կղզի…
բայց ինչքա՜ն ալ որ հեռանայ լոյսը ինձմէ…
կամ նուազի ակն աղբիւրին՝ իր ջուրերէն,
դիմաստուերիս գոյներն անանց չեն նուաղիր
այլ գոյնի մէջ։ Առա՛ծ են շող արեւներէ՛ն,
որդան կարմիր՝ արեւ ըմպած հողէն արբշիռ…:
Դիմաստուերիս գոյներն անանց
դեռ կը մնան հայ տառապած…:
Ու հալածուած մարդ մը անզէն, ստուերական, որ կ’երերայ
դարու ահեղ ստուերներէն… որ կը դողայ կործանումէ՜
աշխարհի մը, ուր կարօտը որպէս թռչուն մը հեռազգայ…
կը սաւառնի կապոյտին մէջ երազներուն ու կը շնչէ՜
երջանիկ օդ…։
167
Դիմաստուերիս ակօսին մէջ որպէս լքուած տերեւի շիւղ…
կ’ոտնահարուի մարդը անոք հողն ակօսող մեքենայէն…
ու կ’ափսոսայ անդարձ մեկնող աշխարհի մը ոլորտները՝
ուր ամէն ճիւղ
կը տրոփէր սիրոյ հեւքէն, սրտի անդուլ բաբախումէն…։
Դիմաստուերիս ֆոնին վրայ իջած լոյսին սուր շեղբերէն
կը կքի ծառն միայնութեան հովիտին մէջ ու կծկուած…
ինքն իր անեղծ կեղեւին մէջ կը տառապի այն աշխարհէն,
որ կը ճզմէ մարդու հոգին, կը տարտղնէ ամէն երազ…
աշխարհ մը, որ մարդու ձեռքէն կը կողոպտէ իր հայելին…
որ չտեսնէ ծալքերն ամէն իր ծուատուած դիմաստուերին…
որ ճեղքուած հողին ճիչէն սարսափահար կ’այլագունի…
գետին ինկած ապակիի փշուրին մէջ կը բեկբեկի…:
Մեծ անհունին գրաւումէն շողարձակուած լոյսին փայլով
կը պղտորին դիմաստուերիս դիմաց փռուած կանաչ ու ծով…:
Կ’անջրպետուի հոգին տակաւ կրկներեւոյթ իր ստուերէն…:
Դիմաստուերիս գոյները բայց
դեռ կը մնան մարդ հալածուա՜ծ…:
7, Յունուար, 1984
168
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ…
Երբ աշխարհ եկայ
ծնունդս չզգաց ոչ հողի բոյր ու ոչ ծփանք ծուխի…
բայց մարմինս պաղ՝ նաեւ երերուն
տաքցաւ շունչովը հողէն արեւուն…
մտաւ տաք դող մը էութեանս ողջ բջիջներուն ցուրտ
ու ծաւալեցաւ այգուն տարածուող լոյսերուն պէս լուրթ…
ծննդավայրի սէրս էր կարծես,
որ ձեռք մը անտես
մօրս կաթին հետ սերմանեց մէջս…
Մնաց: Տեւե՛ց ան… հակառակ հեռուէն հասած կռունկի
տուն կանչող երգին…
սեփական հողէս սփռուող բոյրին…:
Ձուլուեցան մէջս երկու սէրերը, որ թէեւ անգայթ՝
մե՛րթ իրերամերժ…
Մօրս կաթով սուրբ ծննդավայրս ծաւալեր էր մէջն
ծաղկաթերթերուս…
հողը հպեր էր հոգւոյս շերտերուն…
աչքս խմեր էր կապոյտ ջուրերէն իր ծիածանին
ու անուրջներս օրօրուեր էին մայրիներու ջերմ
ու կանաչ սիւքէն…:
169
Աչքը մանկութեան
հայելիներէն ծննդավայրի անցած վայրերուս
կը դիտէր հիմա… կը տեսնէր հետքեր ան-ցաւ տխրութեան
ու կոխկռտուած երազ մ’անաւարտ
հանրակառքի բիրտ անիւներուն տակ:
Կ’երեւար աղօտ մանկութեան փոշին
քսուած ցեխերուն
իմ թաղիս աղտոտ, նեղ փողոցներուն…
ուրկէ անցեր են իմ ոտաբոպիկ ոտքերս տխուր:
Ու ամէն քար որ կ’ապրի տակաւին
կամ դեռ է կանգուն
կ’արձագանգէ խուլ
զրկանքէս հառաչ
ու ճիչ՝ ցաւերէս…
ու բեկորներ կան, որ իրենց վրան կը կրեն ծուէն
իմ կարկտնուած տափատիս ցաւէն…:
Յստակ կը ցոլան
«Նահրի» ճահճացած մարմրոտ ջուրերէն
ոտքերուս կրած ու տուն փոխադրած ցեխերը տամուկ…
կամ «Սուք Այասի» փողոցէն բանուկ
կը լսուի կանչը իմ փերեզակի…
հիմա փլատակ պատերուն մէջէն թախիծը մարմնիս
դեռ կ’ասղնտէ զիս….
Բայց մանկութեանս անյայտ ձորերէն
կը շողան նաեւ Սանինի ձիւնին լոյսերն հրեղէն…
որու կողերուն յուշի բեկորներ կը ննջեն ինձմէ…
ու իր բարձունքի շերտերէն ձիւնի կը հոսի մէջէս
մօրս անարատ կաթի շիթին պէս…:
170
Խաղաղ ծփացող մաքուր մակոյկը մանկութեան ծովին…
դեռ չէ ընկղմած… հեռուն կը հեւայ կարծես հովերէ՜
ինչ մեծ կարօտով, բաղձանքով անուշ զիս դէպի իրեն
կը կանչէ հեռուէն… ու թոյլ չի տար որ հեռանամ իրմէ
երթամ-կորսուիմ ուրիշ ծովերու կիզիչ պչրանքէն…:
Դեռ չեն կորսուած պուրակներն այն հին
ուր կը խայտային
մանկութեան առուին ջուրերը զուարթ…
ու կ’ընդնշմարուի ծուխն այն ծմակին
որուն մշուշոտ արահետներուն կորսուած մանկութեան
կորուստս յուշող հետքերով կ’անցնիմ…:
Ծննդավայրիս հողին տակ ննջող աճիւններ կ’ապրին…
ու միշտ տաք պահող մոխիրը յուշի
չի կրնար ցրուիլ, հանգչած են վրան
իմ մեռելներուս շիրիմները սուրբ, անփոխադրելի…։
ծառը հոն է միշտ, չեն տապալած զայն հովերն աւերիչ…
ու յուշեր պատմող հին մատեանի մը գիրին պէս անջինջ
տերեւներն անօսր թերթ-թերթ կը բանան ծալքերն անցեալին…
մանկութեանս ստուերն անփարատելի կը կրէ վրան
խաչքարի պէս սուրբ ծառն այն մենաձայն…,
որ չի ծերանար…:
Եթէ հեռանամ
կը փակէ ճամբաս բոլոր վայրերէն
իմ արձագանգող՝ ծուխը յուշերուս…
ինչպէս ես մեկնիմ հետս կրելով
171
ամէն վայրի մէջ հանգչող յուշերու ծուէններ այդքան
ծածուկ ու տաքուկ…:
Ծննդավայրս ծառի պէս հիմա կ’այրի, կը տքայ…
սաստկացող ցաւէն անվերջ կը ճչայ…
արեան ձիւները խուժեր են վրան…
բայց ես աւելի սրտախոր սիրով կը կառչիմ իրեն…
հակառակ հեռուէն սեփական հողէս սփռուող բոյրին
որ կը բաժնէ զիս երկու մասերու
ու կ’ապրիմ կիսուած, անջատուած կարծես
բայց իմ էութեան մէկ ամբողջին պէս…:
21, Սեպտեմբեր, 1985
172
ԱԶԱՅԻ ՀՈԳԻՆ
Սէրը իբր լոյս կամ հոգեղէն յոյզ
երբ յայտնուեցաւ
սրտիս մէջ ծառ մը աճեցաւ անհուն…
կարծես Անհունին էութենէն խոր
բեկոր մը ինկաւ
եւ ծաւալեցաւ անհող դաշտերուն…
թռչունները որ՝ աներգ, լո՜ւռ թառած
կը սպասէին հոն
իբր բնութեան, աստուածութեան ձօ՛ն
սիրոյ շարական, սրտի մեղեդի
երգեցին մէկէն…:
Անհունին դպչած նշոյլ մը ուրիշ
հպելով յոյզիս կայծակեց հոգիս…
կայծը մնալով հրահրեց իմ լռութիւններուս
ներքին ճրագը…
ձայները ներսէն ճչացին բոլոր
ու քարանձաւի մնայուն սարսուռ
հանգչեցաւ մէջս.
սիրոյ գոյներէն թախիծը մնաց,
որ Գոյութեանս արեւը դարձաւ
ու Լեռն աճումիս…
Ուրիշ եթերէ կարծես երազի երիզ քակուեցաւ
ու պարուրուեցաւ սիրոյ երազող իմ բջիջներուս…
173
Երազը անշէջ մէջէս թեւածեց
այն լոյս ոլորտին
ուր բարձրացեր էր
Անհասանելին…:
Անհասի տենչով փոթորկելով զիս
անցաւ-հեռացաւ…
ու թափառեցաւ հեռուներու
լուրթ մշուշին յանձնած
առագաստներն իր…։
Իմ ու իր հոգին փնտռեցին իրար…:
Նո՛յն մեկնակէտէն որոնումները
տարբեր ուղիներ ուղղուեցան անհաշտ…
իր անհետացած հեռուի հետքերուն
Ա
Ր
Ա
Հ
Ե
Տ
Ն
Ե
Ր
Ո
Վ
ելայ, բարձրացայ հոգիիս աճման
Լեռն ի վեր անտես…
174
բարձունքին վրայ, առանձնութեան մէջ
զգացի թէ ե՛ս
մաքրուեր էի… ու տառապանքէն,
վիշտէն ու ցաւէն
հոգիիս ճեղքերն ամէն լեցուեր ու
ողողուեր էին
ցօղերով ցոլքին…:
Լինելութեանս սկիզբն էր սէրս,
որ կը փնտռէր
Ազայի հոգին…:
Անորոշութեան վայրէջքի վայրի հողմէն ու բուքէն
սթափած, կանգնած
վերադարձեր էր Ան՝ հոգին փնտռող իր մեկնակէտին…
Երազին դուռը բացուեր էր ընդմիշտ
երբ հոնկէ մտան
ու հոն միացան երկու հոգիներ
հաշտ ու մտերիմ…:
Միութեան ձգտող վերայայտնուած
սէրը երկնային
մարմնեղէն չէր լո՛կ…
մարմնի տարփանքէն անդին հոգիին այլակերպուած
սիրոյ բխումն էր
Էին մերձեցման
ու բիւրեղացման…
Ու զեղումը յորդ
հոգեկան կեանքի
ու նոյնացումի…:
175
Հոգեկան կեանքի զմայլանքին մէջ
զգացի արբշիռ
թէ բանաստեղծ էր, — գիրէ՜ ու բառե՜,
վեր ու աւելի
Հոգի՛ն Ազայի…:
Շուրջս կը քալէր բանաստեղծութեան
ոգին առօրեայ,
որ կենսահիւթն էր բաբախումներուս
ու առօրեայիս զուարթ տրոփը…:
Հոգիէն ցրուա՜ծ ճառագայթներէն
անեղծ-սպիտակ
ես գեղեցիկը իր գոյնով տեսայ, որ պսպղալով
կը ծաւալէր այլ ոլորտներու ուր՝
սէրը կեա՛նք, տօ՛ն էր
վերացման գինի…
դէպի լոյս սլացք ու արբեցութիւն
միսթիք համբոյրի…։
Բանաստեղծութեան աղուոր հոգիին
շփումն հրեղէն
իրականութեան չոր փայտերուն հետ
միշտ կը կայծկլտար յորձանուտներու
տաք ու պաղ բոլոր ելեւէջներէն…:
Կեանքի պայքարէն եփուող տաք հացը
չէ՛ր լիութիւնը
մեր առօրեային ու սիրոյ բոյրին…
ա՛յլ՝ ջերմութիւնը ինքնուրացումով
հոգին շերտ առ շերտ
176
ու աննիւթեղէն հացի պէս բաշխող
Բանի արարման
սիրոյ վարարման
յոյզի թրթռացման
սրտի լիութեան…
կեանքը լեցնող ու շնչաւորող չո՛ր առօրեայի
բանաստեղծութեան…:
Ներքին լոյսերէն բխող խայտանք էր
խաղաղութիւնը,
որ ջինջ երկինքէն կապոյտի բիւրեղ բամպակ կը բերէր
ու կը սփռուէր հոգիի անհուն դաշտերուն վրայ,
ծաղիկները հեզ կ’աճէին այնտեղ
ծնող սերմերու նոր այգաբացով…
կեանքը կը յորդէր հունէն պոռթկացած
յոյզին պէս վարար…
դուրսէն անջատուած ներքին անդորրը
աղօթքի ձայնով
կը հոսէր շուրջը…:
Ու խաղաղութեան իր խայտանքներուն մէջ ստեղծարար
յարատեւ աճում ու սաւառնում էր
սէրը դէպի վեր, դէպի ոլորտը իր էութեան
ու տարերքին,
որ բանաստեղծ էր, —գիրէ՜ ու բառէ՜, — վեր ու աւելի՛
Ազայի Հոգին…:
12, Փետրուար, 1990
177
ԾԱՌԻՆ ՃԻՉԸ…
Տրամն Սփիւռքին՝
հայոց դաշտերուն ու կտուրներուն վրայ տեղացած
սեւցած կամ կարմրած ձիւնէն սկսաւ…
ու անապատի աւազը անջուր իբր գիր ու հաց
կամ զմռսուած ցաւ ծամծմելով՝ երբ յենած ցուպին
հողէն հեռացաւ…
հողը երկնքին յառած աչքերով յարեց տրտմագին.
—Ու՞ր այսպէս Աստուած, կ’աքսորես անդարձ մարդը իր հողէն
ու արմատներէն…
օտարացումի ու տարաշխարհի ափերն ցիրուցան
որ կորստական
աքսոր էր դաժան…:
Ու դարատրոփ ծառը ճղաւեց
երբ արմատահանուած ու ճղակոտոր ճարճատիւնով
ճմռթկուեցաւ…
աստ ու անդ ինկած իր եղեռնակոծ
ոստերը բոլոր
հողէն որբացած
մեծցան անարմատ՝ իբր սունկ օտար՝
դաշտերուն ցրուած…
ու տարտղնուած տերեւաթափի արիւնը անճիչ
անհաղորդ մայթեր ողողեց, ներկեց.
ոչինչ զգացին մայթերէն սահող ստուերներ ամպի…
միայն սեւազգեստ ծառի ստուերէն
նահանջի ողբով
178
սաղմոս սօսափեց…
Հիւծող ձայներու շշունջներ ելան կայծոռիկներէն
որոնք մարեցան լոյսերու շռայլ տեղատարափէն…
ծառը ճղաւեց
յայտնուող-մեռնող աստղերու մռայլ
կայծկլտումներէն…:
Իբր սովատանջ հալածուած ստուեր երերաց անտուն
հովերէն ծովուն…
ափերը հեռուի լպրծուն սահանք երեւցան աչքին…
ու ծուէն-ծուէն կոտորակուելով ցրուեցաւ հեռուի
աւազուտներուն՝
աւազի անտես
հատիկներուն պէս…
կորսուած-կորզուած տագնապոտ հողի խռոված սրտէն
կամ արմատներու ամենատխուր գալարումներէն
ճիչեր ու կանչեր հասնելով իրեն խառնուեցան խորթ
ու խառնախռիւ երկընտրանքներուն, ինքնութեան շփոթ
հարցականներուն…:
Հողը հոն մնաց իր շուրջիններէն օտարացած հեռ
իսկ ինք՝ հողերուն վրայ տարացեղ ապրելու շունչով
տերեւ կիսամեռ…
օտար երկինքէն իր մռայլադէմ երկինքին յառած
ծառը ճղաւեց
-Ինք դեռ մինչեւ ե՞րբ գալարուի, տանջուի ամենատխուր
տարանջատումէն
իր արմատներուն…:
Թափառումներու թախիծը թալուկ դարձաւ պանդուխտի
սրտին վէրքը խոր,
179
Ու դարատրոփ ծառը ճղաւեց երբ արմատահանուած ու ճղակոտոր
ճարճատիւնով ճմռթկուեցաւ…
180
երբ երկրէ երկիր խմեց ուրիշ ջուր, կարօտի կաթին
խառնուեցաւ մուր…
որքա՜ն յուշի ու կարօտի բեկոր մնացին օտար
խորշակներուն տակ…:
Ամէն բնաւեր, ցնցող խորշակէ՝ ինկած փշրուած
ապակիի պէս
տարտղնուեցաւ…:
Տարամե՛րժ հողի փշալարերուն կանգնեցաւ դարձեալ,
ուրկէ շրջիկի ու անհայրենիք թափառականի
կանչը կափկափեց վիրաւոր սրտի տրոփումներով.
—Երբ կայ հայրենիք գերեալ կամ… ազատ, ինչո՞ւ տարագրուիլ
աշխարհէ աշխարհ, ծփալ ծովէ ծով… եւ դեռ մինչեւ ե՞րբ
ապրիլ հողէդ դուրս… հողին կարօտով տոչորիլ, մեռնիլ
չհասնիլ երբեք ճաճանչող աստղի փրկիչ տապանին…:
Խառնակոյտերու խրամին մէջ խրած՝ արեան սպիտակ
կաթիլներ կ’իջնեն երեսին պայծառ ու կ’այլագունեն…
ամէն տեղ մօտ ու հեռաւոր՝ տրամն հայու Սփիւռքին
շարունակուելով
շառագունելով
զոհեր կը խլէ…:
Տարագիր ամէն մարդ իր երկրէն դուրս՝ պատարագ անձայն…:
Ինքնալքումի այլափոխումով թէ հալածանքի
սուր հարուածներով
կը փլչին ամուր տուներ ու շէնքեր ու կը մոխրանան
շունչեր հաւատքի
յոյսի, երազի
ու նոր գալիքի…:
Հրէշ մը կարծես դիմացը կանգնած արիւն կը սփռէ
ու դեռ օրէ օր ծաւալող արեան հեղձամաղձուկէն
181
Ինք դեռ մինչեւ ե՞րբ գալարուի, տանջուի ամենատխուր
տարանջատումէն իր արմատներուն…
182
ճիչը Սփիւռքի որպէս սպիտակ եղեռնի աւաչ
կամ մահացման կոծ
կը համասփռուի.
-Ու՞ր են, կամ ո՛ւր մնացին այդքան շքեղ երազի
հողերուն վրայ բարձրացած շէներ, տուներ տարագիր
եւ դեռ մինչեւ ե՞րբ առանց կռիւի ու գոյամարտի
հոսի այսքան շատ արեան տաք անձրեւ դաշտերուն անբեր…:
Երկեակ ինքնութեան եւ աքսորեալի երկփեղկումներէն
ճեղքուած սիրտ մը՝ ստուերը մահուան դեռ ինչքան կրնայ
հեռուներ վանել,
երբ օտարութեան թոյնին թմբիրը հեռաստաններէն
կը հասնի իրեն
կ’եղծանէ ամէն միւռոնի դրոշմ ու կը սասանէ
սիւները սրտի
Կենսատունկը իր չ’աճիր անարմատ ուրիշի հողին…
ու երկուութեան այլայլած ցաւով անդէմ աշխարհի
հեղգ քաղաքացին.
—Ինք դեռ մինչեւ ե՞րբ տարուբերուելով իյնայ ու ելլէ
երկու, աւելի հայրենիքներու տարածքին միջեւ…
դեռ մինչեւ ե՞րբ հոս, կամ այլուր ապրի, մինչ իր սեպհական
հողին վրայ հոն ծառատունկերը կամ կենսատունկերը
աճելու համար աւելի շատ տեղ, շունչ ու լոյս ունին…
ու դեռ մինչեւ ե՞րբ տրամն Սփիւռքի այսպէս երկարի
լոկ շարունակուի ահաբեկչութեամբ խօսքի ու բառի…
—Դեռ մինչեւ ե՞րբ… ու՞ր
ճղաւեց ծառը իր ճիչովը սուր….
10, Սեպտեմբեր, 1989